Asbarez News - Armenian Edition » Մշակոյթ

Հզօրանալ՝ Աւանդապահութեամբ
Մերժել միջավայրի ազդեցութիւնները ու բոլորովին խորթանալ շրջապատէն՝ կարելի չէ, բնական չէ, նոյնսիկ՝ հիւանդագին կրնայ ըլլալ:

Մենք մեր երիտասարդներէն չենք ակնկալեր, որ անոնք իրենց ապրած երկրի սովորութիւնները անտեսեն, որ իրենց ուշադրութիւնը միայն ու միայն կեդրոնացնեն ազգային ու տոհմական մեր աւանդութիւններուն վրայ՝ զանոնք կիրարկելով, անոնցմով սնուելով ու դաստիարակուելով:

Մենք առողջ, իրենց ընկերային ու հասարակական պարտաւորութեանց գիտակից երիտասարդութիւն կ՛ուզենք դաստիարակել, սերունդ՝ որ ամուր կը զգայ ինքզինք իր բնակութեան վայրին մէջ, կը յարգէ, կը գիտակցի այդ վայրի ու անոր ժողովուրդի պատմութեան արժանիքները, ինքզինք չի տարանջատեր այդ պատմութենէն, այլ պարզապէս կը հարստացնէ զայն՝ աւելցնելով անոր վրայ իր ազգային պատկանելիութեան շնորհիւ իրեն հասած ժառանգութիւնը:

Համաշխարհայնացման հզօրագոյն ազդակներու դէմ մենք ականատես ենք, թէ ինչպէ՛ս նոյնիսկ, միաձոյլ հայկական բնակչութիւն ունեցող մեր հայրենիքին մէջ երիտասարդներ կը հեռանան իրենց արմատներէն ու կը տարուին ապազգային ուղղութիւններով, սովորութիւններով: Այս պայմաններուն տակ, առաւել եւս ողջունելի կը գտնենք ազգերու խառնարան ու ձուլման կաթսայի հռչակ շահած այս ափերուն վրայ հասակ նետած մեր երիտասարդներուն դիմադրական ճիգերը՝ պահպանելու, գտնելու, կամ վերագտնելու իրենց ազգային սովորութիւններուն հմայքը, անոնցմով ջրդեղելու իրենց նկարագիրը, իրենց հայկականութիւնը:

Այս դիտանկիւնէն է, որ առաւել գնահատելի կը գտնենք մեր երիտասարդներուն այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը դրսեւորեն գիտակից ճիգ մը՝ ազգային մեր սովորութիւնները ընդգրկելու՝ զանոնք իրենց առօրեային մաս դարձնելով:

Այս դիտանկիւնէն է, որ ողջունելի կը գտնենք, երբ օրինակ այս օրերուն, մեր երիտասարդները փոխանակ իրենց ընկերային ժամանակացոյցը խճողելու «վալընթինեան» աշխարհատարած սովորութեանց տուրք տալով՝ կը փորձեն Տեառնընդառաջի կամ Տէրնտեսի աւանդութիւնը դարձնել իրենց կեանքի մէկ մասը:

Կը յուսանք, որ այս վարքագիծը ընդհանրանայ ու մեր երիտասարդները կարենան արդիականացնել մեր հարուստ մշակոյթին մէջ առկայ կենցաղային հետաքրքրական սովորութիւնները:

Աւանդապահութիւնը, եթէ տգիտութեամբ չի կատարուիր, եթէ իրականութենէն, դժուարութիւններէն փախչելու ծէսի չի վերածուիր, ապա կրնայ միայն ուժեղացնել մեր էութեան հետ հաշտ մնալու ներքին մղումները: Երիտասարդներու պարագային՝ առաւե՛լ եւս:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Ժողովուրդ՝ Յանուն Ժողովուրդի»

հիմնարկութեան, Կիրակի 12 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30ին կը հրաւիրէ ձեզ Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, ժողովրդային երգ ու պարով բացօթեայ նշելու համար Տեառնընդառաջը, կամ՝ Տէրնտեսը:

Տօնախմբութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն «Կարին» ժողովրդային երգի ու պարի խումբը՝ Գագիկ Կինոսեանի ղեկավարութեամբ:

Մուտքը ազատ է: Հրամմեցէ՛ք: Տօնախմբութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ ժամը 10:30:

Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 500 S. Central Ave., Glendale:

Դրամագլուխիդ Չափով Պիտի Գնահատուիս
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Իր ունեցածէն աւելին տալու պատրաստակամ մարդոց կարելի է հանդիպիլ: Ասիկա շատ գնահատելի երեւոյթ իբրեւ նկատի կ՛առնուի յաճախ, եւ ընդհանրապէս գովեստներու կ՛արժանանան զայն իրագործել կարողացող անձեր: «Այրի կնոջ լումայ» դառնալու նման երեւոյթ է սա ընկերային կեանքի մէջ, երբ մարդ իր նիւթական կարողականութենէն անդին կ՛ուզէ անցնիլ, ոտքերը վերմակէն դուրս հանելու գնով, աւելիո՛վ օգտակար դառնալու համար շրջապատին:

Աւետարանի դրուագը ծանօթ է, երբ Յիսուս գնահատեց այրի կինը, որ միայն երկու լումայ ձգեց տաճարի գանձանակին մէջ: Գումար՝ որ իր ամբողջ ապրուստն էր: Մինչ ուրիշներ, իրենց ունեցածին աւելցուքէն կը դնէին տաճարի գանձանակին մէջ (Հմմտ Մր. 12.41-44):

Նոյնը կարելի չէ՛ ըսել սակայն իր եղածէն աւելին դառնալ փորձողներուն համար: Մարդկային կարողութիւնները ունին իրենց սահմանագծումները: Այդ իսկ պատճառաւ մարդիկ երբ որոշ պարտաւորութիւններու դիմաց գտնուին, կամ իրենց ուսերուն ծանր պատասխանատուութիւններ դրուին, համեստութիւնը կ՛ունենան յայտարարելու, թէ իրենց «կարողութեան ներած չափով» օգտակար պիտի հանդիսանան տուեալ ընկերութեան կեանքին:

«Մեծ-մեծ ջարդող»ներու ինքնահաւան փաղանգը միշտ ալ շուտով զինաթափ կ՛ըլլայ, ինչքան ալ «Քաջ Նազար»եան սուրը ճօճէ, օդին մէջ սաւառնող միջատները կիսելու հպարտութեամբ…: Գործնական գետնի վրայ, անոնք «կիսուելով» աւելի պիտի աճին, եւ շարունակեն պատուհասել մթնոլորտին անդորրութիւնը, նոյնիսկ իրենց անլսելի բզզիւնով:

Իրենց ունեցածէն, եղածէն ու նոյնիսկ ըլլալիքէն աւելի յարգանքի ակնկալիք ունեցող սնափառ անձերու մասնաւոր խրատ գոյութիւն չունի, որովհետեւ կարծէք անոնց համար ըսուած է, «սեւը սապօնն ի՞նչ անի, խեւը խրա՛տն ի՞նչ անի» հայկական առածը: Թէեւ իր մորթային թուխ գոյնին պատճառաւ սեւամորթին կ՛ուղղուի այս խօսքը, սակայն ատիկա վերոյիշեալ չխրատուող անուղղայ բոլոր «սեւամորթներուն» ուղղուած խօսք է, մօտ թուխ գոյնի մորթին վրայ չերեւիր, այլ՝ ուղեղին վրայ…:

Այս վերոյիշեալները ո՛չ միայն ակնկալիք կ՛ունենան յարգանքի, այլ՝ պահանջք. միակ բանը, որ կարելի չէ՛ պահանջել, ատիկա ալ յարգանքն է: Որովհետեւ յարգանքը ո՛չ կը պահանջուի, ո՛չ ալ կը պարտադրուի: Ատիկա կը ստացուի ըստ արժանւոյն եւ ըստ յարմարութեան:

Բարոյական դասը այս մասին, ճաշարանի սպասեակը տուաւ, երբ ինքնահաւան յաճախորդը յանդիմանեց զայն շատ բիրտ կերպով:

Կը պատմուի, թէ ճաշարանի մէջ իր ապսպրած սովորական ապուրին մէջէն ձաւարի պարկի հաստ դերձանի կտոր դուրս կու գայ: Յաճախորդը զայրացած իր մօտ կը կանչէ սպասեակը: Արդէն ձանձրացած քմահաճ յաճախորդին կողմնորոշուելու դժուարութենէն, եւ հազիւ ապսպրանքը առած ու ապուրը բերած անոր՝ սպասեակը չկամութեամբ կը մօտենայ սեղանին:

Ներկայ միւս յաճախորդներուն ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացնելու յատուկ ճիգով, յաճախորդը կը բողոքէ իր ապուրին մէջէն դուրս եկած դերձանին համար՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ եթէ սխալմամբ բերանը տանէր դգալը, կրնար խեղդուիլ, եւ այլն:

Սպասեակը ինչքա՛ն ալ ջանար ձեռքի, աչքի ու յօնքի նշաններով հասկցնել փորձել, որ յաճախորդը մեղմացնէր իր ձայնը, ճաշարանին վարկը բարձր պահելու եւ ներկայ միւս յաճախորդները չխրտչեցնելու նպատակով, դժգոհ յաճախորդը աւելի կը բարձրացնէր իր ձայնը ու գանգատները կ՛աւելցնէր:

Կացութիւնը փրկելու համար, սպասեակը ինք ալ ի՛ր ձայնը բարձրացնելով՝ կ՛ըսէ բորբոքած տրամադրութեամբ յաճախորդին.

- Բայց ներեցէ՛ք պարո՛ն, դուք այս ապուրին համար ընդամէնը ջնջին գումար պիտի տաք, եւ կ՛ուզէք, որ անոր մէջէն պարսկական գո՞րգ դուրս գայ: Ձեր տալիք գումարին համաձայն, միայն անոր մէկ թելը դրուած է ձեր ապուրին մէջ…:

Իմաստալից պատգամ կայ այս հեգնանքին մէջ, որ ներկայ կեանքի մայթերուն վրայ փռուած բազմաթիւ խեղճութիւններու կարելի է իբրեւ դաս ծառայեցնել:

Դրամագլուխդ ինչքա՛ն է՝ անոր համապատասխա՛ն վարձատրութիւն պիտի ստանաս: Կեանքիդ գանձանակը լեցուն ըլլալու է, որպէսզի ակնկալած «գորգերդ» փռուին ոտքերուդ տակ: Այլապէս, գնչուներու կարպետներուն ալ արժանի պիտի չըլլաս, ինչքան ալ պարսկական գորգերու վրայ նստած թռչիս երազիդ թեւերով, Իսֆահանէն մինչեւ Պաղտատ, եւ մինչեւ անուրջներուդ անծայրածիր հորիզոնները լոյսի:

Պատրաստութիւնը, կազմաւորումն ու ինքնազարգացումը այն միջոցներն են, որոնք կրնան յաւելում կատարել դրամագլուխին վրայ: Գնահատուելու ձգտումը շատ բնական մէկ արտայայտութիւնն է մարդկային հոգիին: Կենդանական աշխարհին մէջ ալ կը տեսնուի, որ կրկէսներու մէջ զանազան կրթուած շարժումներ ընող կենդանիներ, ընտանիներէն սկսեալ մինչեւ գիշակեր թռչուններն ու յօշոտող գազանները, իրենց հնարքները կը կատարեն կերակուրի կտորներով գնահատուելու ձգտումով: Մարդուն պարագային աւելի՛ շեշտուած է գնահատուելու ներքին զգացումը, որ բաւարարութեամբ կը յագեցնէ իր հոգին:

Սակայն այնպէս, ինչպէս կենդանին իր կատարած համաչափ շարժումներուն ու կրթուած արարքներուն համար արդարօրէն եւ ըստ արժանւոյն կը գնահատուի, պէտք է նաեւ մարդը իր արժանիքներուն համապատասխան գնահատանք ու վարձատրութիւն ստանայ:

Մարդկային կեանքի անարդար ու անհաւասար ըլլալու մասին բացատրութիւն տալու կարիք չենք զգար, ատիկա ծանօթ է ամէնուն: Սակայն, արդար գնահատանքը եւ ըստ արժանւոյն վարձատրութիւնը բոլորին կողմէ փնտռուած երեւոյթ է կեանքի մէջ:

Այստեղ կը մնայ չափանիշներու ճշդումի հարցը: Ո՞վ պիտի արդար վարձատրութեան չափը ճշդէ: Կասկած չկայ, որ հաւատացեալ մարդուն հոգին միշտ կը խայտայ՝ սպասելով երկնային վարձատրութեան, որ ամէնէն արդարն է, անկասկա՛ծ: Սակայն այս երկրաւոր կեանքին մէջ, հանրային կարծիքը միշտ աւելի գերադաս կը նկատուի, քան անհատական ու քմահաճ կարգադրութիւններն ու տնօրինումները, որոնք յաճախ հիմնուած կ՛ըլլան բարեկամութիւններու վրայ: Առհասարակ գործի ասպարէզին մէջ տեղ կը տրուի ո՛չ անպայման աշխատանքի մասնագիտութիւնը ունեցող անձերուն, ո՛չ արժանիքներով բարձր դրամագլուխ ունեցողներուն, ո՛չ ալ անպայման դիմացինին վստահելիութիւն ներշնչող անձերուն, այլ՝ առաւելաբար բարեկամական կապերով տուեալ գործատէրին հետ ծանօթութիւն ունեցողներուն:

Վարձատրուելու մարդկային բուռն ձգտումիդ հետ, անպայման բարձրացո՛ւր նաեւ արժանիքներուդ դրամագլուխը, որովհետեւ ունեցած դրամագլուխիդ չափով պիտի գնահատուիս:

Մակերիկամի Բնական Ներազդակներ Եւ Անոնց Համազօր՝ Արհեստականօրէն Պատրաստուած Ներազդակներ
Պատրաստեց՝

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մեր մարմինը ունի երկու մակերիկամներ (adrenal glands), որոնք պզտիկ գեղձեր են եւ կը գտնուին երիկամներու վերի բաժինին վրայ: Անոնք կ՛արտադրեն զանազան տեսակի կենսաբանական (biological) կարգաւորիչներ-ներազդակներ (hormones), որոնք բնախօսականօրէն (physiologically) կառնչուին մարմինի զանազան համակարգերու աշխատանքներու կանոնաւորման: Այս ներազդակները կենսական դերակատարութիւն ունին մեր մարմինի զանազան օրկաններու ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած

աշխատանքին ու մանաւանդ՝ մարմինի համապարբակ առողջութեան մէջ:

Իւրաքանչիւր մակերիկամ կազմուած է երկու բաժիններէ.

Ա. Մակերեսային շերտ (cortex)

Բ. Միջուկային շերտ (medulla)

Ա. Մակերեսային շերտին մէջ կարտադրուին corticosteroids մակերիկամային ներազդակները, որոնք կը յառաջանան մակերիկամին մէջ գտնուող cholesterole-էն: Corticosteroid ներազդակները հետեւեալներն են.

ա. Մակերիկամի շաքարային ներազդակները (glucocorticoids), որոնցմէ է cortisol-ը: Այս ներազդակները ունին հետեւեալ պարտականութիւնները.

1. Հակազդեցութիւն զանազան տեսակի ճնշուածութեան դէմ, օրինակ՝ յոգնածութիւն, հարուած-վնաս (trauma), վիրաբուժական գործողութիւն եւ հոգեկան-զգացական վերիվայրումներ.

2. Զօրակցութիւն դիմադրողական համակարգին (immune system), որուն միջոցաւ կը յառաջանայ հակագերզգայնութեան ազդեցութիւնը, բորբոքումներու դէմ հակազդեցութիւնն ու պաշտպանութիւն.

3. Ներգործութիւն անհատին զգացական փոփոխութիւններուն հետ.

4. Ներգործութիւն մարմինի շաքարի, բնասպիտի (protein) եւ ճարպի նիւթափոխանակումի (metabolism) գործընթացին հետ:

բ. Մակերիկամի մետաղային ներազդակները (mineralocorticoids), որոնցմէ է aldosterone-ը: Այս ներազդակներու պարտականութիւնն է ներգործութիւն մարմինի ջուրի, նատրիւմի (Na, sodium) եւ կալլիումի (K, potaseum) մակարդակին առումով:

գ. Մակերիկամի արական (androgen) ներազդակներ, որոնցմէ է testosterone ներազդակը: Տղոց մօտ այս ներազդակներուն արտադրութիւնը շատ քիչ է՝ բաղդատաբար ամորձիներուն մէջ արտադրուածին: Տղոց մօտ անոնց գերարտադրութիւնը կը յառաջացնէ կանխահաս արբունք: Իսկ աղջիկներուն մօտ մակերիկամը կը նկատուի այս ներազդակներու արտադրութեան ամէնէն կարեւոր կեդրոնը: Կանանց մօտ այս ներազդակներու գերարտադրութիւնը կը յառաջացնէ արական յատկութիւններ եւ դաշտանի դանդաղում կամ՝ դաշտանադադար:

Բ. Միջուկային շերտին մէջ կ՛արտադրուին երկու ներազդակներ.

ա. Epinephrine-adrenaline

բ. Norepinephrine-noradrenaline

ա. Epinephrine-ի բնախօսական ազդեցութիւններն են՝

1. Սրտանօթային համակարգի աշխատանքի եւ սրտի պրկուածութեան աշխուժացում եւ բարելաւում.

2. Զարկերակային ճնշումի բարձրացում.

3. Զարկերակներու կծկում եւ նեղացում.

4. Թոքերու ցնցուղներու (bronchi) թուլացում եւ ընդլայնում.

5. Մարմինի նիւթափոխանակումի գործընթացի արագացում.

6. Արեան շաքարի բարձրացում:

բ. Norepinephrine-ի բնախօսական կարեւոր ազդեցութիւններն են՝

1. Մարմինի Ինքնավար ջղային համակարգին (sympathetic nervous system) վրայ հսկում.

2. Սրտանօթային համակարգի աշխատանքներու բարելաւում, սակայն՝ քիչ տարողութեամբ.

3. Զարկերակներու ուժգին կծկում եւ նեղացում:

Բնական պայմաններու մէջ մակերիկամը կ՛արտադրէ օրական որոշ քանակութեամբ cortisole, aldosterone եւ adrenaline: Զանազան տեսակի ճնշումներու գոյութեան պարագային, այս ներազդակներու արտադութիւնը կը ծաւալի:

Հետեւեալ ճնշումները կարեւոր ազդակներ են այս ներազդակներու առատ արտադրութեան.

1. Մարմնական զանազան տեսակի բորբոքումներ եւ վարակներ.

2. Մարմնական ֆիզիքական հարուած-վնաս.

3. Վիրաբուժական գործողութիւն-վիրահատում.

4. Զգացական եւ հոգեբանական վերիվայրումներ:

Ճնշիչ կացութիւններու անհետացումով, վերոյիշեալ ներազդակներու արտադրութիւնը կը նուազի եւ կը դառնայ բնական կացութիւն:

Մակերիկամի ներազդակներու արտադրութիւնը ենթակայ է մակուղեղի (pituitary gland) ACTH ներազդակի ներգործութեան: Այսինքն, երբ մակերիկամի ներազդակներու քանակը նուազում արձանագրէ մարմինին մէջ, մակուղեղը կ՛արտադրէ ACTH ներազդակը: Այս մէկը կը հրահանգէ մակերիկամին, որ արտադրէ իր ներազդակները մարմինի պահանջքին համեմատ:

Մակուղեղի ACTH ներազդակը եւ մակերիկամի ներազդակները առատօրէն կ՛արտադրուին նաեւ, երբ մարմինը ենթակայ ըլլայ զանազան տեսակի ճնշումներու:

Aldosterone-ի բնականէն աւելի արտադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ նաեւ զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած արեան նատրիւմի նուազումով եւ կալիումի բարձրացումով: Արտադրուած առատ aldosterone-ը շուտով կը հաւասարակշռէ արեան նատրիումի եւ կալիումի քանակաչափի խախտումը:

Մակերիկամը ինքնին կը յայտնուի հիւանդագին զանազան երեւոյթներով եւ գործունէութեանց խախտումներով:

Մակերիկամի հիւանդութիւնները հիմնականօրէն կը յայտնուին երկու տեսակ անբնական գործունէութեամբ.

Ա. Մակերիկամի ենթագործունէութիւն (hypofunction), այլ խօսքով՝ դանդաղ աշխատանք.

Բ. Մակերիկամի գերգործունէութիւն (hyperfunction), այլ խօսքով՝ արագ աշխատանք.

Ա. Մակերիկամի ենթագործունէութիւնը կը յառաջանայ երկու ձեւերով.

ա. Նոյնինքն մակերիկամի դանդաղ աշխատանքով.

բ. Մակուղեղի դանդաղ գործունէութեամբ.

Մակերիկամի ենթագործունէութիւնը հետեւանքն է մակերիկամի բջիջային տկարացումին: Այս անբնական գործունէութեամբ, մակերիկամային ներազդակներու արտադրութիւնը կը նուազի եւ կը յառաջանայ Addisons disease կոչուած հիւանդութիւնը, որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով.

1. Արեան զարկերակային ճնշումի նուազում.

2. Մարմինի բնասպիտիի, ճարպի եւ շաքարի նիւթափոխանակումի խանգարում.

3. Արեան շաքարի նուազում, cortisole-ի նուազում եւ ACTH-ի բարձրացում.

4. Մորթի գերգունաւորում.

5. Սրտանօթային խանգարումներ՝ սրտի մկանային տկարութիւն եւ աշխատանքի դանդաղանք.

6. Արեան նատրիումի նուազում եւ կալլիումի բարձրացում.

7. Մարմինի ջրանուազում (dehydration).

8. Մէզի, քրտինքի եւ լորձունքի մէջ նատրիումի քանակական բարձրացում եւ կալլիումի նուազում.

9. Մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, ախորժակի պակաս եւ նիհարութիւն:

Մակուղեղի դանդաղ գործունէութեան պարագային, մակուղեղի ACTH ներազդակի եւ մակերիկամի ներազդակներու արտադրութիւնը կը նուազի ու կը յառաջանան համապատասխան հիւանդագին երեւոյթներ:

(Վերջը յաջորդով)

Արդեօ՞ք Պատրաստ Է… Նախադպրոցական Երեխաս Հաւաքական Մարզական Խաղի
–Էջը Պատրաստեց՝

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ համար հաճելի ու մարզական շարժուձեւեր կատարելը կարեւոր կը համարուի նախադպրոցականին համար:

Կրնայ ըլլալ կը նկատէք, որ ձեր նախադպրոցական երեխան ոտնագնդակի ու ընդհանրապէս գնդակ խաղալու հանդէպ հետաքրքրութիւն ու սէր ունի: Քաջալերեցէ՛ք ու խանդավառեցէ՛ք զայն: Անշուշտ այս պարագային շեշտը պէտք է դրուի այդ մէկը հաճելի ու մարզական արարքի մը վերածելուն, այլ ոչ թէ անոր մօտ մրցակցութեան ոգին զարգացնելուն վրայ:

Երեք տարեկան երեխային համար շատ կանուխ է խմբային մարզական խաղի մը մասնակցիլը: Ամերիկեան մանկավարժներու խմբակցութիւնը կը թելադրէ երեխաները խմբային մարզական խաղերու առաջնորդել 6 տարեկանէն: Շատ քիչ երեխաներ, նախքան այս տարիքը հասնիլը՝ հաւաքական միացեալ խաղերու միտքը կրնան հասկնալ: Նախադպրոցականները պէտք է առաջնորդել վազքի, ցատկելու եւ նմանօրինակ մարզական խաղերու, որոնք նպաստելով անոնց եռանդի (energy) վատնումին եւ  մարմինէն դուրս արտադրելուն՝ անոնք կարիքը չեն ունենար խմբային եւ հաւաքական ճարտարութիւններու ձեռքբերման:

Այս բոլորին կողքին կ՛ուզենք նաեւ յայտնել ու հաստատել այն իրողութիւնը, թէ իւրաքանչիւր երեխայ իր կազմուածքին համաձայն իր հասունութեան ու աճումին համար իւրայատուկ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Անմիջապէս տարիքային բաժանումը նկատի առած՝ նախադպրոցականը մի՛ հեռացնէք ու զրկէք այդ խաղէն ու անոր պարգեւած բարիքէն ու հաճոյքէն: Շատ մը ընկերութիւններ յատուկ խումբեր հաստատած են շատ փոքր տարիքի երեխաներու համար: Հաւանաբար, այս տարիքի երեխան միայն կարենայ սորվիլ իր «թիշըր»չը հագուիլ: Այս տարիքին, անոնք դաշտին մէջ շարուելու վարժութիւնը կը սկսին ձեռք ձգել. նաեւ, այս փոքր տարիքին խաղերու սկսիլը պիտի նպաստէ առաւելաբար գնդակին վարժուելու գործին: Այնքան ատեն, որ երեխան չի գանգատիր կամ դժգոհիր իր վիճակէն, այդ խաղերը անսահման օգուտներ ունին ձեզի համար: Բայց ուշադի՛ր՝ անուղղակի կամ ուղղակի միջամտութիւններէ ու մեծ երազներ հիւսելէ. այս պարագային, երեխան կրնայ ատել այդ մարզանքը, ինչ որ կ՛ունենայ իր վատ անդրադարձը երեխային ամբողջ կեանքին տեւողութեան:

Քանի մը կարեւոր նշումներ՝ յիշելու համար այս կարեւոր գաղտնիքները.

1- Ձեր նախադպրոցականին համար շատ հրահանգներ ստանալն ու գործադրելը բաւական դժուար է: Անոնք հազիւ երկու կամ երեք հրահանգ կրնան կատարել:

2- Առէ՛ք գնդակը ու փախչեցէք, ապա ճամբան վազեցէք գնդակով ու այդ միջոցին գնդակը ցանցին մէջ դրէք եւ բացատրեցէ՛ք պարագան:

3- Խաղի ժամանակ նաեւ անուղղակի կերպով շեշտեցէք կարեւոր առաքինութիւնները, ինչպէս՝ միասին բաժնել հաճելի պահերն ու խաղալիքները եւ անպայմանօրէն հերթով մասնակցիլ այդ խաղին, որպէսզի բոլորն ալ արդարօրէն խաղացած եւ խաղին հաճոյքը ստացած ըլլան:

Հետեւաբար ձեզի կը մնայ որոշել ձեր երեխային ընելիքը՝ ըստ անոր հասունութեան մակարդակին ու աճման ընթացքին: Քաջ իմացէ՛ք, որ շատ կարեւոր է ամէն գնով չհակառակիլ երեխայի ազատ կամքին, որպէսզի հետագային ան իր ուժեղ անհատականութիւնն ունենայ ու ինքնավստահութեամբ դիմագրաւէ իր դէմ ցցուած բոլոր փորձութիւնները: Տակաւին, որպէս մայրեր՝ ձեր մայրական բնազդով շատ լաւ կրնաք զգալ ձեր երեխային անհատականութեան նպաստող կամ վնասող քայլերը, ու ըստ այնմ լաւագոյնը կիրառել՝ ձեր զաւակի հոգեկան աճումին ու նկարագրային զարգացման համար:

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ

Հաւը՝ Հարաւ-Արեւմտեան Ձեւով

Բաղադրութիւն

2 թ. դգալ ձիթաիւղ

2 խոշոր պճեղ սխտոր

1 տուփ (16 օզ.) սեւ լուբիա

2/3 գաւաթ ORTEGA prima homestyle mild թացան

1/2 գաւաթ սառած կորեկ

1/2 թ. դգալ քաշուած cumin

1/2 գաւաթ sour cream

4 հատ (10 ինչ) tortilla՝ ալիւրով

1 1/3 գաւաթ եփուած եւ փզզուած հաւու կուրծք

4 բարակ շերտ Monterey Jack պանիր

2 գաւաթ բարակ շերտուած հազար

1/4 գաւաթ մանր ջարդուած cilantro

Պատրաստութեան կերպ

1- Ձէթը տաքցուցէք միջակ ջերմութեամբ տապակի մը մէջ: Աւելցուցէք սխտորը, եփեցէք մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան: Վրան աւելցուցէք լուբիան ու cumin-ը եւ եփեցէք շուրջ 2-3 վայրկեան՝ մերթ ընդ մերթ խառնելով:

2- Իւրաքանչիւր հացի վրայ 2 ապուրի դգալ sour cream քսեցէք: Հաւասարապէս բաժնեցէք լուբիայի խառնուրդը, հաւը, պանիրը, հազարը եւ cilantro-ն հացին մէջտեղի մասը, ուշադիր ըլլալով, որ բաղադրութիւնը չհասնի մինչեւ ծայրերը:

3- Փաթթեցէք հացը մինչեւ կլոր ձեւ ստանայ, ապա կիսեցէք զայն:

Բարի ախորժակ:

Լաւրով Բարեկարգումները Արագացնելու Երաշխիքներ Կը Ստանայ Ասատէն
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Փետրուար 7ին, հազարաւոր սուրիացիներ ռուսական եւ սուրիական դրօշակներով դիմաւորեցին Սուրիա այցելող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քննեց երկրին տագնապը արագօրէն լուծելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք, Լաւրով անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ Ռուսիա կ՛ուզէ առաջ մղել անցեալ Նոյեմբերին Արաբական լիկային առաջադրած ծրագիրը, որ կը պահանջէ քաղաքներէն եւ գիւղերէն բանակին հեռացումը, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ ժողովրդավարական բարեկարգումներու շարունակութիւնը: Լաւրով յայտնեց, թէ Ասատ խոստացած է արագացնել բարեկարգումներուն թափը եւ զսպել արիւնահեղութիւնը՝ աւելցնելով, թէ Մոսկուա, իր կարգին, խոստացած է իր կարելին ընել՝ նպաստելու համար Սուրիոյ այդ ջանքերուն:

Ասատ սուրիացի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ կեցուածքին համար։ Լաւրով պատասխանած է, թէ Ռուսիոյ կեցուածքը կը բխի Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր իրապաշտ եւ հաւասարակշռուած գնահատականէն, ինչպէս նաեւ իր այն համոզումէն, որ փոխան ներքին երկխօսութեան քաջալերման՝ արտաքին միջամտութիւնն ու հրահրումը յաւելեալ արիւնահեղութեան եւ բռնարարքներու պիտի առաջնորդեն:

Մինչ այդ, իշխանութեանց ընդդիմադիրներուն տարածած տեղեկութեանց համաձայն՝ Հոմսի մէջ բախումները կը շարունակուին բանակին եւ ընդդիմութեան համակիր զինեալներու միջեւ:

Նշենք, որ Ֆրանսա եւ Իտալիա, ինչպէս նաեւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները Երեքշաբթի օր Սուրիոյ մօտ իրենց դեսպանները տուն կանչեցին։

Միւս կողմէ, Իրանի պետական «Փրէս Թի.Վի.» կայանը կը հաղորդէ, թէ Ամերիկայի եւ արեւմտեան ուժերու կողմէ պատրաստուած ծրագիրի մը համաձայն, Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիա ներխուժելու, զինելու համար սուրիացի ընդդիմադիրները, մինչ Իսրայէլ կը պատրաստուի ռմբակոծելու Սուրիոյ բանակին կարեւոր դիրքերը՝ օգնելու համար ընդդիմադիրներուն, որ տապալեն Ասատի վարչակարգը:

Արձակագիր Դաւիթ Խաչիեանի Հետ
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

Սարօ Նազարեան

Հաւանաբար շատերը ինձ նման նրա հետ ծանօթացել են «Լեւոն Թրաւըլ» ճամբորդական ընկերութեան գծով: Նա Դաւիթ Խաչիեանն է՝ «Լեւոն Թրաւըլ» ընկերութեան երեւանեան գրասենեակի պատասխանատուն: Այդ տարի դպրոցական մեծ խմբով Հայաստան էինք այցելել եւ մեզ հիւրընկալում էր Դաւիթ Խաչիեանը: Այցելութիւնը անսպասելի, բայց պատեհ առիթ հանդիսացաւ ինձ համար՝ իմանալու, որ զբօսաշրջութեան գործարարութեամբ զբաղուող Դաւիթը՝ Հայաստանի վերանկախացման շրջանի երիտասարդ արձակագիրների ներկայացուցիչներից է եւ որի հոգում գործարարական աշխարհի հոգսերից դուրս, ապրում է հայ գրականութիւնը՝ իր ոգեղէն ու յուզական նրբերանգներով: Արդարեւ, այցի վերջին օրերին անակնկալ ուրախութեամբ հեղինակի մակագրութեամբ ստացայ «Զրադաշտի Անտիպներից» խորագրով իր առաջին գիրքը, ուր ներակայացուած էին նրա աւելի քան չորս տասնեակ ստեղծագործութիւնները:

Գրքի հրապարակումից հինգ տարի անց, այսինքն՝ 2007 թուականին լոյս տեսաւ նրա երկրորդ ժողովածուն՝ «12» խորագրով, ուր տեղ են գտել 2003-2007 թուականներին գրած նրա 12 ստեղծագործութիւնները: Գրական սոյն գործերից բացի, ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու աշխատութիւններ՝ Հայաստանի զբօսաշրջութեան մասին:

Դաւիթ Խաչիեանի նորարարական արձակի նիւթը յաւերժական մարդն է՝ իր իմացական բարդ աշխարհով, բարութեան ու չարութեան բազմաշերտ հայեացքներով: Խաչիեանի պատկերած մարդուն լաւապէս ճանաչելու համար, պիտի պեղել ակունքները, ամէն ինչ պիտի սկսել արարչագործութեան ժամանակներից, մտովի պիտի վերադառնալ յունական հին դիցաբանութեանը, վերապրել ու վերիմաստաւորել հոգեւոր հնաւանդ պատումները, վերախորանալ մարգարէների, առաքեալների, պատմիչների, փիլիսոփաների, իմաստասէրների, Նիցչէների ու Շեքսպիրների համամարդկային կշիռ ու արժէք ներկայացնող խօսքերի ու մտքերի մէջ, որպէսզի հնարաւոր լինի հասնել մարդակերտման նուիրական գաղափարին:

Դաւիթ Խաչիեան

«Ու նայելով տեսայ, որ Ինքնս Ինձ եմ կերտել այս եօթ օրում՝ Իմ պատկերով եւ նմանութեամբ: Օրհնեցի եօթերորդ օրը եւ սրբեցի այն: Ապա շունչ փչեցի Տաճարիս մէջ ու նա կենդանի հոգի եղաւ: Ես շա՜տ սիրեցի իմ կառուցած Տաճարը ու կնքեցի այն Իմ սուրբ անունով՝ Մարդ: Եւ կատարուեցին երկինքն ու երկիրը եւ նրանց բոլոր զարդերը որպէս մեծ փայլատակութիւն Իմ փառահեղ կառոյցի վրայ», կարդում ենք «Տաճարաշինութիւն» գրուածքում:

Յունական դիցաբանութեան պատումների իւրայատուկ կնիք է կրում «Զրադաշտի Անտիպներից» շարքից Խաչիեանի «Ազատութեան Հրաշքը» գրուածքը, որում, հեղինակը ազատատենչութեան նուիրական ակունքները փորձում է պեղել յունական հին դիցաբանութեան պատումներում՝ Պրոմեթէոսի ու Զեւսի պայքարում եւ սակայն զուգահեռներ գծելով իր ապրած ժամանակի հետ, համակւում է ահաւոր յուսալքութեամբ, երբ այդ ակունքների փոխարէն ամէնուրեք անտարբերութեան վերածուած ունայնութեան է հանդիպում:

«Ես ճախրում էի աստղից միւսը, վազում Յարդագողի ճանապարհով ու երգերս սփռում Տիեզերքով մէկ: Վայելում էի Ազատութիւնս՝ չցանկանալով նոյնիսկ յիշել ձիւնագագաթ լեռների ցուրտն ու լեարդս կրծող Արծուի հեգնոտ հայեացքը: Ու շուտով մոռացայ այդ ամէնը, ուղղակի աճիւնափոշու պէս ցրեցի Տիեզերքի սեւ անվերջութիւններում անցեալիս վերաբերող ամէն մի յուշ ու միտք: Բայց այն պահին, երբ դարձայ Ազատութեան շրջագնդի միակ կենտրոնը Տիեզերքում, մի անծանօթ ունայնութիւն համակեց ինձ, որ շուտով զիջեց իր տեղը համատարած անտարբերութեանը, ապա՝ ինքնասպանութեան չար խորհրդին: Վախի ճիրաններից ինձ պոկելով՝ ես մեծագոյն զգուշութեամբ ու ներքին աննկարագրելի տագնապով բացեցի հոգուս աչքերը ու սարսափահար տեսայ, որ… ձեռքերիս փոխարէն ուսերիցս երկաթէ շղթաներ են կախուած»: Զարհուրելի այս տեսիլքից յետոյ, հեղինակին պատում է յուսահատութեան եւ ունայնութեան մռայլ զգացումը:

«Ազատութիւնն ինձ համար սկսեց օտար դառնալ, ապա՝ սարսափելի», դառնացած գրում է Խաչիեանը:

Ակամայ հարց է ծագում ընթերցողի մօտ: Ինչո՞ւ այսքան դառնութիւն, յուսալքութիւն: Չէ՞ որ ազատութիւնը հրաշք է եւ հրաշք էլ պիտի մնայ: Եթէ ընդունենք այն իրողութիւնը, որ գրողը իր ապրած միջավայրի հայելակերպ ու անպաճոյճ անդրադարձն է, ապա մասամբ կը կարողանանք գտնել այդ «ինչո՞ւ»ների պատասխանը, թէեւ պատմուածքի աւարտին հեղինակը մի վերջին ճիգով փորձում է թոյլ չտալ, որ այրուեն յոյսի բոլոր կամուրջները:

«Ահա ճախրելով գալիս է Արծիւը, որ կտցի լեարդս: Բայց ես ուրախ եմ, չէ՞ որ այդ ցաւից միայն կը բորբոքուի ծարաւս Ազատութեան»:

Չարութեան արհաւիրքները ցոլացնող նորարարական հեքիաթ է «Քաղաք» ստեղծագործութիւնը՝ «Զրադաշտի Անտիպներից» շարքից: Հեքիաթը պատմում է, թէ ինչպէս երկնքից նետուած խնձորի երեք կորիզներից մէկը արեւի ջերմութեամբ, հողի ուժով ու ջրի զովութեամբ արմատ նետեց անծայրածիր տափաստանում, դարձաւ բերքառատ խնձորենի ու իր շուրջը բոլորուեցին մարդիկ, ովքեր կառուցեցին դպրոց, խանութներ, զօրանոցներ, գրադարաններ, գերեզմանատներ, դատարաններ, նախարարութիւններ, սրճարաններ ու խաղատներ եւ ի վերջոյ՝ անբարոյ վայրեր, ու իրենց քաղաքը անուանեցին Մեծ Քաղաք: Յետոյ մարդիկ կտրեցին խնձորենին ու նրա փոխարէն քարէ աշտարակներ կառուցեցին: «Ու մոռացան աստուածներին ու կարծեցին, թէ հէնց իրենք են աստուածները: Թախծեցին աստուածները, ու վերացաւ նրանց օրհնանքը քաղաքի վրայից, ու բազմալեզու դարձան մարդիկ»: Ապա շատացան անբարոյ մարդիկ, ովքեր մտան զօրանոցները, գրադարանները, գերեզմանատները, դատարանները, նախարարութիւնները, սրճարաններն ու խաղատները եւ գրաւեցին քաղաքը: «Ու լռեցին երգերը, ճահճացան գիտութիւնն ու արուեստը, երկնքի սեւ խոռոչներում կորան տիեզերանաւերը: Չորացան հրապարակների շատրուանները, ու փոշիացան ծաղիկները: Կանգնեցին գործարանները, փակուեցին խանութները, ամայացան համալսարանները: Յեսոյ փլուեցին տները, իսկ մարդիկ կամաց-կամաց լքեցին քաղաքը: «Ու ամէն ինչ, որ հողից էր սերել, վերածուեց հողի»…:

Իւրօրինակ են Խաչիեանի այս եւ միւս ստեղծագործութիւնների պատկերները, որոնցմով հեղինակը ստանում է ինքնատիպութիւն, արտայայտութեան առանձնայատկութիւն: Իմաստասիրական բարդ ու խորաբովանդակ մտքերով ու արտայայտութիւններով հարուստ Խաչիեանի ստեղծագործութիւնները յագեցուած են համամարդկային հարցերի ու ժամանակակից մարտահրաւէրների արծարծմամբ, որոնց լուծումները գտնելու համար, հեղինակը մտածելու եւ վերակշռադատելու լայն հնարաւորութիւն է տալիս ընթերցողին:

Այնուամենայնիւ, խօսելով գրողին ընձեռուած հնարաւորութիւնների մասին՝ Խաչիեանը շեշտում է, թէ «Արուեստագէտը մեծ ընտրութիւն չունի: Ընդամէնը մի քանի թեմաներ գոյութիւն ունեն՝ ծնունդ, սէր, աստուածներ, մարդ, կենդանիներ, ովկիանոսի մէջ թաքնուած կղզի, մահ… Դրանք յաջորդում են իրար գարունից ամառ, աշունից ձմեռ: Ու տասներկու ամիսների տեսքով դառնում են կեանքը»: Այս նախաբանով էլ սկսում է իր «12» խորագրով գիրքը, որի տասներկու պատմուածքները հիմնականում շօշափում են այդ նիւթերը:

Խաչիեանի երկու գրքերի մէջ ընթերցողը կարող է յայտնաբերել նուրբ թելի նման իրար շաղկապուող նիւթերի շարան, ընդ որում առաջին գրքի մէջ նորարար, փորձապաշտ հեղինակը հանդէս է գալիս որոնումներով, իսկ երկրորդում՝ այդ որոնումները բիւրեղանում, իսկ պատգամը առաւել առարկայական է դառնում: Այդ մասին ակնարկել է նաեւ ինքը՝ հեղինակը:

«Ընդհանրապէս, գոյութիւն ունի մէկ հիմնարար հարց՝ բանալիների եւ դռների հարցը: Գոյութիւն ունեն դռներ, եւ պէտք է գտնել դրանց բանալիները: Ու նաեւ գոյութիւն ունեն բանալիներ, եւ պէտք է գտնել դրանց համապատասխանող դռները», գրել նա:

Իսկ ես համոզուած եմ, որ մենք դեռ պիտի գտնենք նոր բանալիներ ու բացուող նոր դռներ՝ Խաչիեանի ապագայ ստեղծագործութիւններում…:

Գլենդէյլ,

27 Դեկտ. 2011

Ալեքսանդր Թօփչեան Կ՛անդրադառնայ Իր Գրքի Մասին Վաչէ Բրուտեանի Գրախօսականին
«ԱՍՊԱՐԷԶ» ԹԵՐԹ,

ՊԱՐՈՆ ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆԻՆ

Մեծարգոյ պարոն,

Սիրելի գրչեղբայր,

Ալեքսանդր Թօփչեան

Նախեւառաջ ուզում եմ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել այն ուշադրութեան համար, որ ձեր թերթը յատկացրեց իմ «Բանկ Օտոման» վէպին՝ երեք տարուայ մէջ տպագրելով երեք գրախօսական, ինչն իրօք ապշեցնող է, երբ յիշում ենք, թէ այսօր ինչպիսի՛ համատարած անտարբերութիւն է գեղարուեստական գրականութեան հանդէպ՝ Սփիւռքում, թէ Հայաստանում:

Թուով երրորդ յօդուածը, որը դուք էիք ստորագրել, լոյս տեսաւ անցած տարուայ Նոյեմբերի վերջին, եւ ներողամիտ եղէք, որ իմ այս նամակն ուշացումով եմ գրում: Պատճառը ծուլութիւնը չէ կամ, աւելի վատ՝ անտարբերութիւնը: Պարզապէս, ես մի համոզում ունեմ, որ գրական ամէն մի գործ պէտք է իր պաշտպանական համակարգն ունենայ եւ ինքը «խօսի», պաշտպանի իրեն՝ իր գեղարուեստական արժանիքներով եւ իր ազգային-քաղաքական կարեւորութեամբ, եւ որ հեղինակի յետագայ բոլոր միջամտութիւններն, ըստ էութեան՝ անհարկի են, նա արդէն արել-վերջացրել է իր գործը եւ այժմ համբերատար պիտի լսի ընթերցողների կարծիքները:

Մնալով այդ համոզման, որոշեցի, այնուամենայնիւ, ձեր յօդուածի առիթով այս նամակը գրել՝ ոչ թէ առարկելու, վիճելու կամ պաշտպանուելու համար: Դրա կարիքը չկայ, քանի որ, նախ եւ առաջ, դուք բարձր էք գնահատել իմ վէպի գեղարուեստական արժանիքները, երկրորդ, որ ըստ էութեան համամիտ եմ ձեր բոլոր դիտողութիւններին: Ասել է, թէ մեր միջեւ որեւէ վէճ չի կարող լինել:

Ձեր պահանջները երկուսն են. յաղթական աւարտ, որով պիտի ընդգծուէր «Բանկ Օտոման» գործողութեան մասնակիցների հերոսական ոգին եւ նրանց սխրանքի կարեւորութիւնը մեր ազգային-ազատագրական պայքարի համար: Երկրորդ՝ կենդանի նախատիպարների եւ գրական հերոսների անունների անհամապատասխանութիւնը: Ես սպասում էի նաեւ երրորդ դիտողութեանը. ինչո՞ւ են անտեսուել Սամաթիոյ կռիւները, որոնք անքակտելիօրէն կապուած էին Բանկի գրաւման ծրագրի հետ:

Իմ այդ «բացթողումն» անուշադրութեան մատնելով՝ արդեօք դրանով իսկ չէ՞ք ընդունել, որ գործ ունենք գեղարուեստական երկի հետ, որը որքան էլ յենուած լինի պատմական հանրայայտ իրողութիւններին, այնուամենայնիւ, առաջնորդւում է իր օրէնքներով, որոնք, իմ կարծիքով, արդարացրել են յաղթական աւարտի բացակայութիւնը վիպական այդ տարածքում: Վէպը կենդանի մարմին է, որն իր պայմաններն է թելադրում. գաղափարապէս ընդունելով ձեր առաջարկած աւարտական տեսարանները, գեղարուեստօրէն ստիպուած եմ չհամաձայնել, քանի որ գրական ամէն մի յօրինուածք ունի իր ժամանակա-տարածքային սահմանները, որոնք անխախտելի են:

Բայց դա չի նշանակում, թէ հայ յեղափոխականներն իմ վէպում իսպառ զուրկ են հերոսական ոգուց: Ընդհակառակը, իւրաքանչիւր տեսարանում ես ջանացել եմ, առանց խրատաբանութեան, ընդգծել նրանց անսահման նուիրուածութիւնը ազատագրական պայքարի իդէալներին: Նրանց գիտակցուած, անձնուրաց հերոսականութիւնը համոզիչ կերպով ցուցադրելն իմ հիմնական խնդիրներից մէկն է եղել: Աւելին, վէպի առթիւ լոյս տեսած իմ բազմաթիւ հարցազրոյցներում ես մասնաւորապէս ընդծել եմ, որ «Բանկ Օտոման»ը մեր առաջին կազմակերպուած ընդվզումն էր Օսմանեան բռնութեան դէմ, որ  գործողութեան մասնակիցներն իսկական հերոսներ են, եւ որ նրանց ազատասիրական ոգին փոխանցուելով յետագայ սերունդներին՝ դրսեւորուեց Սարդարապատում եւ Արցախեան հերոսամարտում:

Վաչէ Բրուտեան

Ինչ վերաբերում է անունների անհամապատասխանութեանը, պիտի ասեմ՝ դուք առաջինն էք, որ նման լրջութեամբ անդրադարձել էք այդ հարցին: Սակայն դա չի նշանակում, թէ ձեր դիտողութիւնն անհիմն է: Համաձայն եմ, կարող էի եւ գուցէ չպիտի փոխէի, սակայն դա տեղի ունեցաւ մի տեսակ ինքնաբերաբար: Ես մտավախութիւն ունէի, որ որոշ, չափից աւելի խստապահանջ, գուցէեւ առաւելագոյնս մանրակրկիտ ընթերցողներ կարող էին ինձ մեղադրել, թէ Արմէն Գարօն այս տեսարանում այդպէս չի ասել, որ նա ծղօտի գլխարկ չի կրել, որ Բաբկէն Սիւնիի նահատակութիւնն այդպէս չի եղել եւ այլն: Այլ խօսքով, ծանօթ փաստերի եւ անձնաւորութիւնների շրջանակում յօրինող պատմավիպասանի տարերքն է ինձ ստիպել փոխել նրանց անունները՝ ամենեւին չփոխելով նրանց նկարագիրը եւ պատմական իրողութիւնները: Յուսանք՝ դուք առաջին եւ վերջին յօդուածագիրը կը լինէք, որ նման կարեւորութիւն է տուել այդ անհամապատասխանութեանը:

Այս վէպը գրելու ցանկութիւնը ծնուեց վաղուց եւ անսպասելի, սակայն ես չէի շտապում: Ինձ անհրաժեշտ էր ոչ միայն հիմնաւորապէս ուսումնասիրել նիւթը, այլեւ հոգեբանօրէն պատրաստ լինել նման պատասխանատուութիւն ստանձնելու: Իմ հարցազրոյցներից մէկում մասնաւորապէս շեշտել եմ, որ «ես

«Բանկ Օտոման» գործողութեան ո՛չ դատապաշտպանն եմ, ո՛չ էլ դատաւորը», քանի որ իմ նպատակն էր որպէս հայ մտաւորական հասկանալ, ճիշդ գնահատել եւ ճիշդ մատուցել մեր պատմութեան կարեւորագոյն էջերից մէկի գեղարուեստօրէն հաւաստի շարադրանքը: Յուսամ չեմ ձախողել, ապացոյց, որ վէպը կարճ ժամանակում տպագրուեց երեք լեզուով՝ ֆրանսերէն, ռուսերէն եւ ռումիներէն, իսկ հիմա թարգմանւում է եւրոպական չորրորդ լեզուով: Ապացոյց նաեւ վէպին նուիրուած, երկու տասնեակի հասնող այն դրուատական յօդուածները, որ լոյս տեսան Հայաստանում եւ Սփիւռքում: Թոյլ տուէք նամակս աւարտել՝ մէջբերելով այդ կարծիքներից մէկը.

«Ինձ հիացնում է հեղինակի՝ մտաւորականի, քաղաքացու, վերջապէս, հայ մարդու համարձակութիւնը այս նիւթին ձեռնարկելու

համար: Ես կ՛ասէի՝ նոյնիսկ խիզախութիւնը, քանի որ (պա՛րզ խօսենք), «Բանկ Օտոմանի» ողբերգութիւնը, արդէն մէկ դարից աւելի, դարձել է մեր ազգային բազմաթիւ տաբուներից (արգիլուած նիւթերէն-Խմբ.), թերեւս, ամենատաբուն: Եթէ խօսել են, ապա լոկ դրա թիկունքին կանգնած կուսակցութեանը դատապարտելու, նշաւակելու, քաղաքական-կուսակցական շահարկման նիւթ դարձնելու նպատակով, գիտակցաբար կա՛մ անգիտակցաբար անտեսելով, որ այդ գործողութիւնը, նախեւառաջ, արդարութիւն ծարաւած ժողովրդի իղձերի արտայայտութիւնն էր: Իսկ կուսակցութիւնը քաղաքական այն ուժն էր, որ ստանձնեց հատուցումը իւրովի պահանջելու պատասխանատուութիւնը»(Արտեմ Յարութիւնեան, «Հորիզոն», գրական յաւելուած, Մայիս, 2009թ.):

Հաճեցէք ընդունել, սիրելի գրչեղբայր, երախտագիտական զգացումներիս եւ խորին յարգանացս հաւաստիքը:

Անկեղծօրէն, Ձերդ՝

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՕՓՉԵԱՆ

Փարիզ

3 Փետրուարի 2012թ.

Յ.Գ. Դէմ չեմ, որ այս նամակը լոյս տեսնի ձեր թերթի էջերից մէկում:

ՀԱՐՑԱԶՐՈՒՅՑ «ՀԱՅ-ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿ՝ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱԳՇԵՀԻՐԼԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանը Բնորոշուել Է Որպէս Քրիստոնէական Պաշտամունքի Շինութիւնների Հիմնական Դարբնոց

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Հայաստանի անկախացումը թերեւս բաւարար չեղաւ ժողովրդի կենսական հարցերը լուծելու համար, սակայն մշակութային ասպարէզում բացուեց նոր էջ՝  տեսակէտների վերանայում եւ նորովի մեկնաբանութիւն: Մեր անմիջական բարեկամների օրինակները դրա ապացոյցն են. տպագրուեցին յետմահու աշխատանքներ՝ ժամանակին չընդունուած կարծիքներով, երկար տարիներ լոյս չտեսած եւ խնամքով պահուած աշխատանքներ կեանքի կոչուեցին՝ վերափոխուած եւ վերամշակուած: Եղան մարդիկ, որոնք տարիներով իրենց մտքերում որոճացած նիւթերը յանձնեցին թղթին՝ առանց մտածելու՝  կ՛ընդունուի՞, թէ՝ ոչ: Եւ տպագրւում էին թէ հայրենիքում, թէ արտասահմանում:  Սակայն կան այնպիսի ուսումնասիրութիւններ, որ միմիայն հայրենիքը կարող է հաստատել, եւ ահա այդպիսի մի աշխատասիրութեան առիթով է, որ մենք տեսնուեցինք ճարտարապէտ Վարուժան Ագշեհիրլեանի հետ:

Ո՞վ է Վարուժան Ագշեհիրլեանը: 1920ական թուականներին Թուրքիայի Ատանա քաղաքից գաղթած ծնողների զաւակ Վարուժանը ծնուել է Եգիպտոսում: Յաճախել է Ալեքսանդրիայի եւ Գահիրէի Մխիթարեան վարժարանները մինչեւ հինգերորդ դասարան՝ 1948 թուականը, երբ ընտանիքը հայրենադարձուել է Խորհրդային Հայաստան: Միջնակարգ կրթութիւն ստանալուց յետոյ Վարուժանն ընդունւում է Երեւանի Պոլիտեխնիկական ինստիտուտի ճարտարապետական բաժինը: Այն աւարտելուց յետոյ երիտասարդ մասնագէտը գործուղւում է Գորիս եւ դառնում է  կառուցուող «Տաթեւ» հիդրոկայանի աւանների համակարգողը, ապա՝ ստանձնում է æերմուկ առողջավայրային քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը: 1970-1990 թ.թ. Ագշեհիրլեանը հանդիսացել է Հայաստանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական կոմիտէի քաղաքաշինութեան վարչութեան յատակագծման բաժնի գլխաւոր մասնագէտը եւ ապա՝ ղեկավարը: Նրա նախագծային աշխատանքներից են Վայքի եւ Գաւառի գլխաւոր յատակագծերը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Արդիւնաբերական համալիրը փոխադրական հաղորդակցութեան ուղիներով ապահովման ուրուագծային նախագիծը»: Հայաստանի ճարտարապետների միութեան անդամ է 1967 թուականից:

Պիզայի համալիրի մկրտարանը, XV դար, Իտալիա

1995 թուին հայի անհանգիստ նաւի ղեկը Վարուժան Ագշեհիրլեանին ուղղում է Միացեալ Նահանգներ: Գործող ճարտարապետն անցնում է հայ ժողովրդի մշակոյթի գիտական-պատմական ուսումնասիրութեանը, որոնք պարբերաբար երեւում են «Մուսա» ամսագրում եւ տեղական հայ մամուլում: Տարբեր թեմաներ են շօշափում Ագշեհիրլեանի յօդուածները:

Նրա առաջ քաշած հիմնահարցերից մէկն է Հայաստանի եւ հարեւան երկրների ճարտարապետական առնչութիւնների ուսումնասիրումը:  Մշակելով այս թեման, տալով դրան «Հայ-իտալական ճարտարապետական առնչութիւններ» խորագիրը, չնայած առաջացած տարիքին, 2010 -2011թ.թ. Վարուժան Ագշեհիրլեանը եղաւ Հայաստանում, Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան պետական համալսարանի գիտխորհրդում՝ ներկայացնելով թեման որպէս ատենախօսութիւն, այն պաշտպանեց, եւ նրան շնորհուեց ճարտարապետական գիտութիւնների թեկնածուի գիտական աստիճան: Աշխատութեան կիզակէտը՝ ըստ հեղինակի՝ հետեւեալն էր. այսօր գիտութիւնը վերջնականապէս ընդունել է, որ քրիստոնէական արուեստի կազմաւորման մէջ  Հռոմը չի ունեցել այն դերակատարումը, ինչը նրան էին վերագրում իր կողմնակիցները:  Հարցադրումը այն չէ, թէ հայը ի՞նչ տարրեր է մտցրել քրիստոնէական ճարտարապետութեան ձեւաւորման ընթացքում, այլ այն է, թէ համաշխարհային ճարտարապետութեան  գանձարանում հայերը ի՞նչ կերպով են ներմուծել նոր մշակոյթի հիմնական ազդակները, եւ որոնց Ագշեհիրլեանը  իր աշխատութեամբ առաջարկում է տալ յատուկ կարգավիճակ:

Անիի Ամենափրկիչ եկեղեցին, X դար

Ողջունելի գործընթացը, որն ուներ բարոյական եւ հայրենասիրական ոգեւորութիւն, այժմ կարող է դառնալ ուսումնասիրութիւնների աղբիւր, վիճելի հարցերի բանալի: Աշխատանքին ծանօթանալուց յետոյ յարգելի ճարտարապետին ուղղեցինք մեր հարցերը:

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս առաջացաւ ձեզ մօտ նման թեմայ ուսումնասիրելու անհրաժեշտութիւնը:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱԳՇԵՀԻՐԼԵԱՆ.- Հայ ճարտարապետական գիտութեան կարեւորագոյն խնդիրներից է Հայաստանի եւ հարեւան ու մերձաւոր երկրների ճարտարապետական առնչութիւնների ուսումնասիրութիւնը: Դա յատկապէս կարեւոր է ներկայ ժամանակներում, երբ հայ ժողովրդի ճարտարապետական ժառանգութեան գնահատման, ժամանակագրման, ինքնուրոյնութեան, ազգային պատկանելութեան եւ այլ խնդիրներ յաճախ աղաւաղւում են, խեղաթիւրւում, տուրք տալիս՝ կանխակալ եւ սխալ կարծիքների: Չնայած հայրենի եւ օտար գիտնականների կողմից արծարծուել են հայ-իտալական ճարտարապետական առնչութիւնների  առանձին հարցադրումներ եւ իրողութիւններ, դեռեւս առկայ են արուեստաբաններ, որոնք ժխտում են փոխազդեցութիւնների յարաբերակցութեան այն դրոյթը, որ «երկու ժողովուրդների մշակոյթների խաչաձեւման ժամանակ մնայուն հետք է թողնում այն ժողովրդի մշակոյթը, որն ունի զարգացման առաւել բարձր աստիճանի վրայ գտնուող

Էջմիածնի եկեղեցու յատակագիծը, 331 թ.

մշակոյթ»: Վերոյիշեալ մտայանգումները հիմք են տալիս կարեւորելու թեմայի անհրաժեշտ ու արդիական բնութագրում ունեցող ուսումնասիրութեան իրականացումը: Եկեղեցաշինական գաղափարախօսութեան՝ հայկական եւ վերածննդեան հասկացողութիւնների  հարազատութիւնների առկայութեամբ հանդերձ գոյութիւն ունեն նաեւ բնորոշիչ տարբերութիւններ. հայկական ճարտարապետութեան յօրինուածքի էութիւնը արդիւնք է դասականութեան օրինական զարգացման, որը չի ունեցել ո՛չ անցեալի վերադարձ, ո՛չ էլ  կորցրածի վերածնունդ, ինչպէս իտալական վերածնունդը, որը արդիւնք է հռոմէական դասական արուեստի:

Դարերով ստեղծուած հայ-իտալական մշակութային սերտ կապերն ունեցել են յետագայ ընթացք, ինչպէս հայկական տպագրական արուեստի զարգացումն Իտալիայում, Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան գործունեութիւնը, հայ արուեստագէտների իտալական թեմաներով բազմաթիւ ստեղծագործութիւնները: Հայ-իտալական մշակութային առնչութեան ընթացակարգում կարեւոր իրադարձութիւն էին Հայաստանի եւ Իտալիայի գիտական հիմնարկութիւնների միասնաբար իրականացրած միջազգային սիմպոզիումները երկու երկրներում, ինչպէս նաեւ հայ ճարտարապետութեանը նուիրուած ցուցահանդէսների շարքը:

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Եթէ կարելի է բացատրէք ձեր գիտական աշխատանքի բովանդակութիւնը:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱԳՇԵՀԻՐԼԵԱՆ.- «Հայ-իտալական առնչութիւններ» խորագիրը բաւական լայնիմաստ

Բագարանի Ս. Թէոդորոս եկեղեցու յատակագիծը, VI-VII Դ.Դ.

հարցադրում է: Այդ թեմայի ամբողջական ընկալման մէջ հարկ է ներգրաւել նաեւ բիւզանդական առնչութիւնները, որպէս Իտալիայի պատմական ընթացակարգի շղթայի կարեւորագոյն օղակներից բնորոշը: Ուստի, այս հասկացութիւնն ընդգրկում է աշխարհագրական միջերկրական լայնածաւալ տարածք, եւ բաժանւում է երեք հիմնական ժամանակաշրջանների.

ա. Վաղագոյն շրջան՝ հայ-հռոմէական առնչութիւններ-III դ.

բ. Միջնադարեան շրջան՝ հայ-բիւզանդական, հայ-իտալական առնչութիւններ-IIIդ.-XV դ. կէսեր.

գ. Նոր ժամանակներ՝ հայ-իտալական առնչութիւններ-XV-XX դ.դ.

Առաջին անգամ փորձ է արուած ամբողջական ձեւով քննարկել հայ-իտալական ճարտարապետական առնչութիւնները ժամանակագրական լայն կտրուածքում: Ուսումնասիրութեան առարկան հանդիսանում է Հայաստան-Բիւզանդիա-Իտալիա տեւական յարաբերութիւնների հատոյթում դրսեւորուած ճարտարապետական  ազդեցութեան եւ փոխազդեցութեան, յօրինուածքային, ոճական, կառուցուածքային եւ այլ ընդհանրութիւնների ու առանձնայատկութիւնների բացայայտումը՝ հիմնուած փաստական եւ պատմատեսական նիւթերի վրայ: Ընդունուել եւ ամրագրուել է հայ-իտալական առնչութիւնների վերաբերեալ եզրայանգումների հէնքը:

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Մայր երկրի պատմութեան անքակտելի մասն է նրա գաղթավայրերի  պատմութիւնը, որ հիմքն է Ձեր աշխատութեան: Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք այս կէտը:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱԳՇԵՀԻՐԼԵԱՆ.- Հայ գաղթավայրերի պատմութինն ըստ էութեան հայոց ընդհանուր պատմութեան բազմակի ճիւղաւորումներով ու միշտ զարգացող պատմական որոշակի ժամանակահատուածի պատմութիւնն է, որը եւ ոչ մի դարաշրջանի առումով չի կարելի առանձնացնել Մայր երկրի պատմութիւնից, որպէս նրա անխզելի հատուածը: Հայկական ճարտարապետութեան պատմագրութեանը նուիրուած մինչ այժմ հրատարակուած աշխատութիւններում հեղինակները ճարտարապետական դպրոցների, ոճերի, ուղղութիւնների համակարգը ներկայացնելիս սահմանափակուել են Մեծ Հայքի տարածքում՝ ելնելով հայկական ճարտարապետութեան դասական ակունքներից: Առնչութիւններին անդրադարձել են դէպքից դէպք՝ ընդհանուր ճարատապետութեան պատմական ընթացակարգի պարզաբանման համար եւ ունեցել են եւրոպակենտրոն մտայնութիւն: Մեր ուսումնասիրութիւնների համար հիմք են ծառայել առաջին հերթին հայ գաղթականութեան առաջացման, նրա ստեղծած գաղթօճախներում կառուցուած պատմաճարտարապետական պաշտամունքային կառոյցների, պաւլիկեան-թոնդրակեան աքսորեալների, շինարարար-որմնադիր վարպետների գործունէութեան, հայ վաճառականութեան, դաւանաբանական առնչութիւնների ու վանականութեան առաջացման հետ կապուած առկայ ուսումնասիրութիւնների նիւթերը:

Հայ-իտալական առնչութիւնները՝ սկզբնաւորուելով դեռեւս հռոմէական ժամանակաշրջանից, սերտօրէն կապուած են հայ-բիւզանդական յարաբերութիւնների հետ: Գաղթօճախների առաջացման կարեւոր հանգամանքն էր նաեւ այն, որ Բիւզանդիայի կայսրութեան արեւմտեան սահմանակից շրջաններ էին աքսորւում պաւլիկեան-թոնդրակեան շարժման հետեւորդները (5-8 եւ 9-11դ.դ.), որոնք «ցնցելով Արեւելքը՝ լուսաւորեցին Արեւմուտքը»: Այս մօտեցմամբ է քննւում նաեւ հայ գաղթավայրերում ստեղծուած հայկական ճարտարապետութիւնը, որը հանդիսանալով  համընդհանուր ճարտարապետութեան անխզելի մասը, պատմական որոշակի ժամանակահատուածում գաղթօճախներում իրականացուած եւ ազդեցութիւնների ու փոխազդեցութիւնների ամբողջ իրադրութիւնն իր էութեան միջով անցկացրած մեր մշակոյթն է:

Միլանի Սան Սատիրօ եկեղեցին  եւ յատակագիծը, IX դար

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Ճարտարապետական առնչութիւնները արտայայտուած են պաշտամունքային կառոյցներում: Եթէ քրիստոնէական կրօնն է թելադրում  շինութիւնների էութիւնը, ուրեմն բնական չէ՞ նոյն կառուցուածք ունենալը: Ինչո՞ւմն է հայկականի ինքնատպութիւնը:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱԳՇԵՀԻՐԼԵԱՆ.- Հայ ժողովուրդը քրիստոնէական կրօնի նորագոյն յօրինուածքների զարգացման ուղին սկսելով 4րդ դարի սկզբից, 6-7րդ դարերում հասել է դասականութեան մակարդակին: Այս շրջանում էր, որ Հայաստանը վերածուեց պաշտամունքային կառոյցների ստեղծման իւրայատուկ արուեստանոցի, որտեղ «փորձարկուեցին» եկեղեցաշինութեան անկրկնելի տարբերակներ, ինչը եւ հիմք է տուել ժամանակակից արուեստաբաններին Հայաստանը բնորոշելու որպէս քրիստոնէական պաշտամունքի շինութիւնների հիմնական դարբնոց: Ռավէննայում Թէոդորիկոս Մեծի հայկական շինելակերպով իրականացուած դամբարանը քրիստոնէական վաղագոյն ժամանակներից հայ-իտալական առնչութիւններին հետեւած հայկական ճարտարապետութեան ազդեցութեան առկայութեան փաստարկ է: Յովհան Բագարանցու կողմից 6րդ դարի 70ական թ.թ. կառուցուած աշխարհում առաջին հինգ գմբէթանի Սբ. Յովհաննէս եկեղեցու ծաւալատարածական- յատակագծային յօրինուածքին հետեւած Նէա Էկլեզիայի, Կոստանդնուպոլսի Սբ. Առաքելոցի, Եփեսոսի Սբ. Յովհանի, Վենետիկի Սբ. Մարկոսի, Անիի Սբ. Առաքելոցի եւ Եւրոպայի տարածքում յետագայում իրականացուած նմանատիպ հինգ գմբէթանի եկեղեցիները հիմք են տալիս ասելու, որ ճարտարապետ Տիրան Մարութեանի «հինգ գմբէթանի խաչագմբէթարդ տաճարների հայկական տիպ» անուանելը առարկայական եւ հիմնաւոր նկատում է:

Հայազգի ճարտարապետ Օդօ լը Մեսէնի կողմից կառուցուած  գերմանիայում Աախենի պալատի մատուռի ու Ֆրանսիայում Օրլեանի, Ժերմինի դէ Պրէ աղօթարանի ճարտարապետական զոյգ յօրինուածքները հանդիսացան «կարոլինգեան արուեստի» սկզբնաւորման ու Եւրոպայում ռոմանական դասական ոճի տարածման գործընթացի ուղղորդները: Ստացուել է, որ Լեոնարդօ դա Վինչիից 700 տարի առաջ հայ ճարտարապետի կողմից Եւրոպա էր ներմուծուել հայկական ճարտարապետութեան դասական ոճը՝ յատակագծում քառակուսու շուրջը խաչաձեւ դասաւորուած կիսաբոլորակ խորաններ-գմբէթարդներով, խաչի՝ խաչուող թեւերի կենտրոնում կամարակապ չորս մոյթերի վրայ թմբուկով հանգչող գմբէթի յօրինուածքը: Իտալական եկեղեցիներ յօրինող ճարտարպետները, որոնք գմբէթը իրականացնում էին խորանի վերեւում՝ աստիճանաբար հրաժարուելով «լատինական խաչի» յօրինուածքային լուծումից՝ թեքւում են դէպի կենտրոնականութեան, գմբէթածածկ շինութիւնների յօրինուածքային ուղղուածութեանը եւ այն մշակելով  ու դարձնելով Վերածննդի ժամանակաշրջանի ճարտարապետութեան բարձրագոյն գաղափարախոսութեան արտայայտաձեւը, ստեղծում են կենտրոնագմբէթ պաշտամունքային շինութիւնների շարք:

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ.- Նկատի ունենալով աշխատութեան մէջ արծարծուած հարցերի լայն շրջագիծը պիտի եզրափակեինք մեր հարցերը՝ ցանկանալով ընթերցողին յանձնել ձեր ուսումնասիրութեան հիմնական եզրայանգումները:

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱԳՇԵՀԻՐԼԵԱՆ.- Անդրադառնալով հայ գաղթականութեան առաջացման ընդհանուր պատմական ժամանակաշրջանների շարժառիթներին, ուղղութիւններին, տարածման ոլորտներին, ի հարկէ հեռու մնալով այն մտքից, թէ ազդեցութիւններ կրած բացայայտուած կառոյցները արդիւնք են որպէս միայն հայ մարդու՝ արհեստաւորների-որմնադիրների-ճարտարապետների ձեռքի գործի՝ յանգում ենք հետեւեալին.

Հելլենիզմը ստեղծուել է յունական արուեստի ու ճարտարապետութեան եւ գրաւեալ տարածքների-պէետութիւնների, ժողովուրդների տեղական արուեստի ու ճարտարապետութեան պատուաստումից:

«Բիւզանդական արուեստը» որպէս այդպիսին՝ գոյութիւն չի ունեցել. դա բիւզանդական կայսրութեան կազմում գտնուող ժողովուրդների, յոյների, հայերի, կապադովկիացիների, ասորիների դարերով ստեղծած մշակոյթի ու ճարտարապետութեան հարուստ ժառանգութեան համադրումից ստեղծուած արուեստն է, որը եւրոպացիների կողմից յայտնաբերուելով 19րդ դարում՝  անուանուեց դարեր առաջ պատմութեան թատերաբեմից հեռացած պետութեան անունով, քանի որ մինչ այդ նրանք չէին առնչուել բնիկ ժողովուրդների մշակոյթի պատմութեանը:

Ռոմանական ոճը դա մի պետութեան, մի ժողովրդի՝ ֆրանսացու, իտալացու կամ այլ ազգի ստեղծած արուեստի ոճ չէ, այլ՝ համայն Եւրոպայի ժողովուրդների, իսկ ռոմանական- գոթական եւ ապա վերածննդի ոճը՝ եւրոպական տարածք ներթափանցած հայ վանականների, վաճառականների, գաղթականների, ինչպէս նաեւ պաւլիկեան- թոնդրակեան աքսորեալ-բռնագաղթուածների առկայութեամբ ստեղծուած մշակոյթն է: Ուստի եզրակացւում է, որ ներկայիս Թուրքիայի տարածքում՝ սկսած սելջուկեան արշաւանքներից, ինչպէս նաեւ 1453ից յետոյ իրականացուած արուեստն ու ճարտարապետական մշակոյթը հարկ է անուանել ԱՐՄԷՆԻԶՄի  արգասիք: Այն իր զարգացման ոլորտն ընդարձակելով՝ խորը ազդեցութիւն է ունեցել «ռոմանական», «գոթական» եւ «վերածննդի» ոճ հասկացութեան ստեղծմանը:

Այսօր առկայ են հայերէն ու օտարալեզու հիմնաւորուած ու փաստարկուած ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց են տուել պայտաձեւ կամարների, խաչուող կամարների, կամարային քիվերի, ճակատներում սիւնակամարների, որմնակամարների շարքի, սիւնախուրձերի, զարդաքանդակների օգտագործման բազմաթիւ ակնյայտ փաստեր, որոնք իրենց յօրինուածքային էութեամբ ու նշանակութեամբ երբեք չեն զիջել անտիկ շրջանի ճարտարապետութեան բնագաւառում օգտագործուած տոսկանական, դորիական, հոնիական եւ կորնթական սիւնակարգային (օրդերային) համակարգով յօրինուածքային լուծումներին: Այդ իսկ առումով անհրաժեշտութիւն է, որ վերոյիշեալ ճարտարապետական մանրամասներն ամրագրուեն որպէս հայկական ճարտարապետութիւնը բնորոշող յօրինուածքային տարրեր եւ դրանք տեսականօրէն արժէքաւորելով՝ տալ համապատասխան կարգավիճակ, ինչպէս դա իրականացուած է հելլենիզմի ոճի դէպքում, ու այն բնորոշել որպէս «ԱՐՄԷՆԻԶՄ-ARMENIZM» ճարտարապետական ոճն արտայայտող յօրինուածքային ձեւամիջոցներ:

Մեր շնորհակալութիւնները ճարտարապետ Վարուժան Ագշեհիրլեանին: Յուսանք, որ աշխատանքը գրքի վերածուած կը ներկայանայ հանրութեանը եւ՝ կ՛ամրագրի իր խօսքը ճարտարապետական գիտութեան աշխարհում:

Գլխու Եւ Մազի Խնամք
(ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ)

1.-Թեփի պարագային, գաւաթին կէսը աղ լեցնել, աւելցնել նոյն չափով գաղջ ջուր, խառնել, քսել գլխուն, փաթթել անձեռոցով եւ պահել 15 վայրկեան: Սունկերը եւ մանրէները ջրազրկուելով՝ կը չորնան եւ կը վերանան:

2.- Մազերը զօրացնելու նպատակով գլուխը լուալ ստեպղինի կա՛մ ընկոյզի տերեւներու եփուկով:

3.- Մազերուն թափիլը կանխելու համար, գլուխը լուալ առանց օճառի, 10-15 վայրկեան շփել կերակուրի աղով, ապա նորէն լուալ:

4.- Ճարպոտ մազերու թեփը մաքրելու նպատակով, 10 մաս ալքոլի լուծոյթին խառնել մէկ մաս գերչակի իւղ՝ «խարուա», իսկ չոր մորթի պարագային՝ հաւասար քանակով, ձգել 5 վայրկեան, ապա լուալ:

5.- Հերաթափութեան կօգնէ՛, եթէ մազերու արմատներուն քանի մը օր, առանց ընդմիջման,  քերիչով անցընելէ ետք, քսեցէք թարմ սխտորի կա՛մ կոճապղպեղի հիւթ:

6.- Լոյսն ու մաքուր օդը օգտակար են մազերուն: æանացէք պայծառ օրերուն գլխարկ չդնել:

7.- Մազերուն աճը բարելաւելու հիանալի միջոց են աղի լուծոյթը, բողկի եւ սոխի հիւթերը:

8.- Որպէսզի մազերը չթափին, ճափոնցիներուն համար հրաշալի ու դարերով փորձուած միջոց էր լաւ եփած բրինձի ջուրը:

9.- Մազարմատները ամրացնելու համար կը թելադրուի մեղր քսել անոնց:

10.- Շագանակագոյն մազերուն գոյն ու փայլքը պահպանելու համար, զանոնք ցօղուել թէյի եփուկով:

Գիտէ՞ք, Թէ

Կաղամբը կը պարունակէ մարդու օրկանիզմին համար շատ օգտակար նիւթեր՝ 1,5 առ հարիւրէն աւելի բջիջանիւթ, որուն շնորհիւ անիկա կը խթանէ աղիքներու աշխատանքը, կարագացնէ՛ քոլեսթերոլի արտաքսումը՝ կանխարգիլելով երակներու չորացումը: Անոր արժէքաւոր յատկութիւնը ծծումբի եւ քլորի բարձր պարունակութեան մէջ է:

Թարմ կաղամբի հիւթը կը նպաստէ ստամոքսի եւ աղիքներու մաքրութեան: Նախընտրելի է զայն խմել առանց աղ աւելցնելու: Կաղամբի բարձր սննդային արժէքը պայմանաւորուած է պարունակած կենսանիւթերու մեծ ընտրանիով, ամինօթթուներով, հանքային աղերով եւ միքրօտարրերով:

Հին Եգիպտոսի եւ Յունաստանի մէջ զայն կ՛օգտագործէին բուժելու համար անքնութիւնը, գլխացաւը, լեարդի եւ յօդերու հիւանդութիւնները: Անոր հիւթով կը լուային վէրքերը եւ խոցերը: Կաղամբը կը բարձրացնէ մարմինին դիմադրականութիւնը:

Սրտանօթային հիւանդութիւններու ժամանակ, անիկա կը համարուի լաւագոյն բուժական սնունդը: Կաղամբը կը պարունակէ քլորոֆիլ նիւթը, որ կօժանդակէ հեմոկլոպինի արտադրութեան, որ կարեւոր է արեան տկարութեան ժամանակ: Ան կը հաւասարակշռէ կլուքոզը շաքարախտի ժամանակ: Հում կաղամբը կը պարունակէ տատրոնաթթու, որ կը քայքայէ օրկանիզմին մէջի ճարպը, այդ պատճառով՝ գէրերուն խորհուրդ կը տրուի հում կաղամբ օգտագործել:

Անբուժելի խոցերու եւ վէրքերու ժամանակ լաւ արդիւնք կու տայ թարմ ու մանրուած կաղամբի եւ թարմ հաւկիթի դեղնուցի հաւասար խառնուրդէն պատրաստուած քսուկը:

Լեարդի հիւանդութիւններու, մնայուն պնդութեան եւ թութքի պարագային, խորհուրդ կը տրուի օգտագործել թթուաշի դրուած կաղամբի հիւթը, որ ախորժաբեր է եւ կը բարելաւէ մարսողութիւնը:

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ

Կաղամբի Ապուր

Բաղադրութիւն

- 1 պզտիկ կաղամբ՝ բարակ մանրուած

- 1 միջակ սոխ՝ մանրուած

- 2 պճեղ սխտոր՝ ճզմուած

- 2 միջակ լոլիկ կեղուըւած եւ խորանարդաձեւ մանրուած

- 1 միջակ գետնախնձոր

- 2-3 դգալ կարագ + 1 ապուրի դգալ ձէթ

- 8 գաւաթ հաւու մսաջուր

- Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

- 1 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս

- 1 թէյի դգալ պղպեղի խիւս

- Թթու սեր (sour cream)՝ ըստ ցանկութեան

Պատրաստութիւն

Տաքցնել կարագն ու ձէթը, աւելցնել սոխը, սխտորը եւ խառնել, մինչեւ որ թմրին: Աւելցնել գետնախնձորը եւ մանրուած կաղամբը: Խառնելով՝ տապկել, մինչեւ որ կաղամբը կակուղնայ, աւելցնել լոլիկը, լոլիկի խիւսը, պղպեղի խիւսը, աղն ու փոշի պղպեղը:

Խառնուրդը փոխադրել կաթսայի մը մէջ, աւելցնել հաւու ջուրը այնքան մը, որ ծածկէ բանջարեղէնները: Թեթեւցնել կրակը, գոցել կափարիչը եւ եփել մինչեւ որ բոլոր բանջարեղէնները կակուղնան:

Հրամցնել թթու սերի կողքին՝ ըստ ցանկութեան:

Հայերի Ամէնէն Սիրելի Սուրբերից՝ Սուրբ Սարգիսը
ՎԱՀԷ ԱՆԹԱՆԷՍԵԱՆ

Սա շարժական տօն է եւ նշւում է Յունուարի 18ից Փետրուարի 23ը, Զատիկից 63 օր առաջ: Տօնի ակունքները հեթանոսական են: Այն կապւում է գիտութեան հովանաւոր Տիր աստծոյ անուան հետ: Տիրը միաժամանակ ցորենի, հացազգիների պահապան եւ հովանաւոր աստուածութիւնն է եղել, ուստի այս տօնի կերակրատեսակները հիմնականում հացազգիներից են:

Հեթանոսական ժամանակներից է գալիս նաեւ գուշակութիւն անելը: Աղի բլիթ ուտելով՝ աղջիկները երազում տեսնում են իրենց ապագայ ամուսիններին:

Սուրբ Սարգիս անունը յիշատակւում է Ներսէս Շնորհալու «Յայսմաւուրքում»: Սուրբ Սարգիսն ու Սուրբ Գէորգը հայերի ամենասիրած սրբերն են: Սուրբ Սարգսի մասին բազում աւանդոյթներ, պատմութիւններ ու աղօթքներ կան: Նա քրիստոնեայ հայ երիտասարդութեան ամենասիրելի սուրբն է:

361 թ. Հռոմէական կայսրութեան գահն անցնում է Յուլիանոս Ուրացողին, որ երես է թեքում քրիստոնէութիւնից եւ հալածանքներ սկսում քրիստոնեաների դէմ:

Աւանդութեան համաձայն՝ Կապադովկիայում ծառայող Սարգիս զօրավարը, խուսափելով կայսեր հալածանքներից՝ հաստատւում է Մեծ Հայքում: Ապա անցնում է Պարսկաստան եւ ծառայութեան մտնում Շապուհ Երկարակեացի մօտ:

Սակայն  յետագայում Շապուհն անվստահութիւն տածում Սարգիս զօրավարի հանդէպ եւ նրան հրամայում է երկրպագել իր աստուածներին:

Աւանդութիւնը պատմում է, որ այդ ժամանակ Սարգիս զօրավարն իր շղթաներով փշրում է տաճարի աստուածների քանդակները: Պարսիկները սպաննում են նրա որդուն՝ Մարտիրոսին, իսկ զօրավարին

շղթայակապ բանտ են նետում եւ կտտանքների ենթարկում: Ի վերջոյ՝ Շապուհը հրամայում է քաղաքից դուրս տանել Սարգսին եւ գլխատել: Եւ երբ դահիճը կատարում է հրամանը, ձայն է լսւում, որ հրաւիրում է Սարգսին երկինք:

Մի այլ գեղեցիկ աւանդազրոյցի համաձայն՝ Սուրբ Սարգիսն իր քառասուն զինակիցների հետ յաղթական ճակատամարտից յետոյ խաղաղ քուն է մտնում կայսերական պալատում: Կայսրը, նախանձից դրդուած՝ ուզում է սպաննել նրան ու զինակիցներին եւ քառասուն գեղեցկադէմ աղջիկներ է ուղարկում քաջերի ննջարան՝ սպաննելու համար:

Աղջիկները կատարում են կայսեր պատուէրը, բացի մէկից, որը, սիրահարուելով քնած առնական քաջին, համբուրելով արթնացնում է նրան: Իմանալով կատարուածը՝ Սարգիս զօրավարը աղջկան դնում է ձիու գաւակին եւ խորտակելով քաղաքի դարպասները՝ փախչում է դաւաճան քաղաքից:

Բանահիւսութեան մէջ գրեթէ միշտ նա պատկերուած է սպիտակ ձիով: Եկեղեցու կողմից Սուրբ Սարգիսը սրբերի շարքն է դասուել  5րդ դարում:

Սուրբ Սարգսի տօնը սկսւում էր Երկուշաբթի օրուայ պասով: Եկեղեցին այն անուանում է Առաջաւորաց պաս, իսկ ժողովուրդը՝ Խաշիլի պաս: Բանն այն է, որ այս պահքի ընթացքում արգելուած է հայերի ամենասիրուած կերակուրներից մէկը՝ խաշիլը:

Տօնին նախորդող գիշերը տանտիկինները մեծ տաշտի մէջ փոխինձ էին լցնում, հարթեցնում, վրան խաչաձեւ նշան գծում, եւ պահում տանը՝ յուսալով, որ Սուրբ Սարգիսը գիշերը կ՛այցելի իրենց եւ իր ձիու պայտը կը դրոշմի տաշտում լցրած փոխինձի վրայ: Յաջորդ օրն այդ փոխինձով խաշիլ եւ անուշեղէն էին պատրաստում:

Տօնի ամենատարածուած սովորութիւնը աղի բլիթն էր: Այն պատրաստում էին տօնի նախօրէին, մինչեւ ծոմը լուծելը: Երիտասարդներն ուտում էին աղի բլիթի կէսը, իսկ միւս կէսը պահում բարձի տակ: Այն անձը, որը երազում ջուր կը տար աղի բլիթ ուտողին, նրա ամուսինը կամ կինը կը լինէր:

Գոյութիւն ունէր գուշակութեան այլ ձեւ եւս. առանց թթխմորի պատրաստած  բաղարջի խմորի վրայ շարում էին հարստութիւն խորհրդանշող իրեր կա՛մ մրգեր եւ թխում: Առաւօտեան բաղարջը կտրատում էին տան երեխաների թուին համապատասխան եւ բաժանում: Ում ի՛նչ բաժին հասնէր՝ նրան սպասւում էր նման ժառանգութիւն:

Երրորդ գուշակութեան ձեւը կատարւում էր փոխինձի քաղցրեղէնով. երիտասարդներն իրենց բաժին քաղցրեղէնի մի մասը դնում էին կտուրին եւ սպասում, որ թռչունը գայ, կտցահարի, եւ որ ուղղութեամբ տանէր՝ այդտեղից էլ սպասւում էր  նրանց բախտը:

Ներկայ պատկերացումների համաձայն Սուրբ Սարգիսը բարի կերպար է, որ միշտ պատրաստակամ իր ճերմակ նժոյգով ճախրելով ամպերի մէջ՝ օգնութեան է հասնում նրանց, ովքեր ունեն իր կարիքը: Նա հիմնականում արդարութեան համար մարտնչող ռազմիկի կերպար է:

Սուրբ Սարգիսը նաեւ սիրահարների հովանաւորն ու պաշտպանն է համարւում:

Նախկինում այս տօնը շատ մեծ շուքով եւ ուխտագնացութիւններով էր նշւում այն պարզ պատճառով, որ Սուրբ Սարգիսն իր բազմաբնոյթ  գործառոյթներով առանձնանում է հայ սրբերի շարքում:

Սուրբ Սարգիսն այժմ համարւում է սիրոյ բարեխօս կա՛մ սիրահարների սուրբը միայն, մինչդեռ նախկինում նա եղել է ընտանիքի պաշտպան սուրբը (այս առումով նա նոյնանում է Արա Գեղեցիկին եւ մեռնող ու յառնող աստուածներին): Ամուլ կանայք դիմել են նրա բարեխօսութեանը, յղի կանայք հայցել են նրա օգնութիւնը՝ դիւրին ծննդաբերելու համար, ճամփորդները խնդրել են ապահովել իրենց անվտանգութիւնը, յատկապէս փրկել քամիներից, կայծակներից եւ գայլերից, նոյնիսկ՝ խաղաղեցնել փոթորկոտ ծովը. հաւատում էին, որ նա իր արագընթաց սպիտակ ձիով կը հասնի ամէնուր եւ կ՛օգնի բոլորին:

Սիրահար երիտասարդները, հաւատալով նրա արդար դատաստանին, դիմել են նրա միջնորդութեանը՝ բռնի ամուսնութիւնները խափանելու համար, կա՛մ փախած ամուսնական զոյգը նրա զօրութեամբ ցանկացել է մեղմացնել ծնողների զայրոյթը:

Տարբեր հիւանդութիւնների ժամանակ դիմել են սրբի օգնութեանը:

Պատերազմի ժամանակ նրա հովանաւորութեամբ գնացել են կռուի դաշտ եւ գերիների ազատման համար հաւատացել նրա ամենազօրութեանը:

Պատմական Հայաստանի տարածքում Սուրբ Սարգսի անունով շատ սրբատեղիներ կան, եկեղեցիներ, մատուռներ, նոյնիսկ լեռներ: Պատահական չէ, որ նրան անուանել են ցանկութիւններ կատարող սուրբ:

Տօնի նախօրեակին պահք կա՛մ ծոմ են պահել, ապա ուխտի գնացել սրբի ուխտավայր, մատաղ արել եւ տօնախմբութիւններ կազմակերպել:

Վերջապէս, տօնի առիթով սովորութիւն է եղել շնորհաւորել Սարգիս անունը կրողներին, իսկ սկեսուրները նուէրներով եւ քաղցրեղէններով գնացել են հարսնացուների մօտ:

«Ֆէյսպուքեան» Մտորումներ
ՆԵԼԼԻ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ կը ներկայացնէ Լիւդմիլա Յարութիւնեանի մտքերը

«Հայաստանի հայաթափման հարցը հէնց այնպէս ու ինքն իրեն չի լուծուի: Այս խնդիրը ոչ մի տեղ էլ չի չքանայ, եւ երկիրը հայաթափելու համար պատասխանատուութիւն են կրում իշխանութիւններն ու էլիտան, ինչպէս նաեւ այս սերունդը, որը չկարողացաւ կառուցել այնպիսի երկիր, որը կը դառնար հայերի հայրենիք, որտեղ հաճելի է ապրել: Հայաստանի հայաթափման համար պատասխանատուութիւն են կրում բոլոր նրանք, ովքեր անտարբեր հետեւում են, թէ ինչպէս …»

ՏԱՐԵԴԱՐՁ-Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան, 1879–1919). Գաղափարի Մարտիկը, Ազգային Ղեկավարը Եւ Հայաստանի Անկախութեան Դաշնակցական Կերտիչը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

29 Յունուարը մահուան տարելիցն էր հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներէն Արամի, որ հայոց

հազարամեակներու պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ արդի ժամանակներու Հայաստանի անկախութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան հիմնադիրը:

Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուեցաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռուի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերեց այդ նպատակին եւ հայոց լեռներու ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ թրծուած իր նկարագիրով, գաղափարապաշտութեամբ ու մարտունակութեամբ՝ ինքնուրոյն իր դրոշմը դրաւ հայոց նորագոյն պատմութեան արեւածագին վրայ:

Թէեւ միայն քառասուն տարի ապրելու ճակատագիր մը վիճակուեցաւ անզուգական Արամին, բայց սկսելով Շուշիէն, անցնելով Կարսէն ու Վանէն եւ վերջնականապէս հանգրուանելով Երեւան՝ հայ ազգային–ազատագրական շարժման գաղափարի մարտիկը, հայ ժողովուրդի մարտական վերածնունդին Ազգային ղեկավարը եւ Հայաստանի Անկախութեան դաշնակցական կերտիչը հայոց սերունդներուն կտակեց յաւերժական ներշնչման արժանի վարք ու գործք Արութեան:

Արամի հերոսապատումին գագաթնակէտը եւ, միանգամայն, խտացումը հանդիսացաւ Դեկտեմբեր 1917ի անկիւնադարձային պահը: Պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով եւ Լենինի անփառունակ կոչով՝ աւելի քան հարիւր տարի մեր հողերուն վրայ իր տիրակալութիւնը հաստատած ռուսական զօրքը լքեց Հայաստանի սահմանները ու խուժանավարի դէպի Ռուսաստան փութաց, ցեղասպան թրքական զօրքին դէմ անպաշտպան ձգելով հայութեան եւ Հայաստանի վերջին բեկորները: Աստեղային այդ պահուն էր, ահա՛, որ Երեւանի մէջ խցկուած շինական, այլեւ գաղթական հայութիւնը եւ հայ կամաւորական ջոկատները իրենց հայեացքը յառեցին Արամի ուղղութեամբ, «դիկտատոր» հռչակեցին ողն ու ծուծով ժողովրդավար եւ ընկերվարական Արամը եւ Հայաստանի ու հայութեան օրհասական վերջին կռիւին ղեկավարութիւնը վստահեցան Արամի անյողդողդ կամքին եւ մարտունակութեան:

Եւ Արամ արժանաւորապէս ղեկավարեց աւելի քան հինգ ամիսներու վրայ երկարած հայ ժողովուրդի պատմական վերածնունդի այդ օրհասական կռիւները՝ Սարդարապատեան յաղթանակներով պսակելով արդի Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու հայոց ազգային պետականութեան հիմնադրութիւնը:

Արութեան իր անկորնչելի դափնեպսակին արժանացած Արամն էր, որ Յունուար 1919ի այս օրը, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէ վարակուած ու մարմնապէս լրիւ հիւծած՝ իր բոցավառ աչքերը առյաւէտ փակեց: Արամի մահով՝ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանկարծ զրկուեցաւ մեր ժողովուրդի ազգային–հասարակական ներքին միասնութիւնը պահպանող եւ մարտունակութիւնը կազմակերպող ու առաջնորդող անփոխարինելի գործիչէն: Գաղափարապաշտ եզակի գործիչ մը, որ նորանկախ մեր պետականութեան դարբինն ու ոգին ըլլալով հանդերձ՝ դաշնակցականի իր նկարագիրով եւ ազգային–գաղափարական սկզբունքներով, Սարդարապատեան հերոսամարտները կերտած «Դիկտատոր»ի իր լիազօրութիւնները վար դրաւ եւ վարչապետ Յ. Քաջազնունիի գլխաւորած անդրանիկ կառավարութեան մէջ ստանձնեց ներքին գործոց նախարարի պատասխանատուութիւնը:

93 տարիներ անցած են Արամի տարաբախտ վախճանէն ասդին, բայց անոր լուսաւոր կերպարը, գաղափարական շունչը եւ հայրենակերտ գործը կը շարունակեն ներշնչել ու դաստիարակել մեր սերունդները՝ հայոց Ազգի, Հայրենիքի եւ Պետականութեան պաշտպանութեան ու ազատագրութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու անվեհեր յանձնառութեան պատգամով ու վարակիչ օրինակով:

Ինչպէ՞ս կարելի է ներշնչման աղբիւր չունենալ հազիւ երիտասարդ տարիքը թեւակոխած Սերգէյ Յովհաննիսեանի լուսաւոր օրինակը, որ կրակի մկրտութիւնը դեռ նոր ստացած իբրեւ Արամ՝ հայ ժողովուրդի ազգային պայքարունակութեան պաշտամունքով, օրագրային իր գրառումներուն մէջ, պիտի պատգամէր.

«Ես չէի կարողանում հասկանալ այն մեծ գաղտնիքը, այն մեծ ուժը, որ սովորական մարդկանց, շատ անգամ կրթութիւն չունեցողներին, գիւղացիներին, ստիպում էր տարիներ շարունակ անտրտունջ հանդուրժել այս տառապանքներին: Մտաւորականների համար ասում էին իտէալն ու գաղափարականութիւնն է, իսկ միւսներին մնում էր ընդունել հայրենասիրութիւնը, որն ունէր եւ գաղտնի, անըմբռնելի ուժ՝ այդքա՜ն զոհաբերութիւններ վերցնող»:

Այդ մեծ գաղտնիքն ու անսակարկ հայրենասիրութեան հրաշազօր ուժը մարմնաւորուեցաւ եւ վարակիչ դարձաւ Արամով:

Արամ Մանուկեան իր անունին կապեց այնպիսի՛ մեծագործութիւն, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ արդի ժամանակներու հայ ժողովուրդի ճակատը պայծառացնող լուսաւոր, յաւերժ ճառագայթող աստղերէն:

Բուն անունով Սերգէյ Յովհաննիսեան՝ Արամ դիւցազնական Զանգեզուրի զաւակ էր, ծնած էր 1879ին, Ղափանի Զէյուա գիւղը: Աւարտած էր Շուշիի Թեմականը, որ ժամանակի հայեցի դաստիարակութեան եւ յեղափոխական կազմաւորման հնոց էր: Ուսումը շարունակելու սիրտ չունեցաւ Արամ, որովհետեւ երկրի կանչը պատանի տարիքէն արդէն գրաւած էր իր միտքն ու հոգին:

Թեմականի աշակերտութեան շրջանին Դաշնակցութեան անդամագրուած, Արամ 1901ին ուղարկուեցաւ Պաքու՝ Անդրկովկասի նաւթային կեդրոնի հայ պանդուխտ բանուորներուն ազգային–յեղափոխական պատրաստութեան ու կազմակերպման գործին լծուելու առաքելութեամբ: Թէեւ Արամի սիրտը երկիր անցնելու գաղափարական հուրով կ՛այրէ՛ր՝ հայ ազգային–ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով, բայց Պաքուի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէն նախընտրեց իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի շարունակէ դէպի երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը:

1903ին Արամ յաջողեցաւ անցնիլ Կարս՝ հոնկէ երկիր մուտք գործելու առաջադրանքով: Բայց Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները եւս նախընտրեցին իրենց մօտ պահել հայ երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով առանձնացող գործիչը: Արամ տարի մը մնաց Կարս, բայց տարաւ այնքան գործ՝ սահմանը անցնողներու գաղափարական ու մարտական պատրաստութեան եւ զէնքի փոխադրութեան գործի արդիւնաւոր կազմակերպման իմաստով, որ դաշնակցական իր գործունէութեան առաջին հանգրուանը պսակուեցաւ Կարսի Սերգէյի հռչակով:

Ձախէն աջ՝ Յարութիւն, Արամ Մանուկեան, Իշխան եւ Սողօ

1904ին վերջապէս արտօնուեցաւ Արամին, որ սահմանը կտրէ դէպի Վան՝ հոնկէ Սասուն անցնելու համար: Բայց դարձեալ կեանքը տարբեր դասաւորում ստացաւ: Վանեցիք ամրօրէն փարեցան արդէն Արամ անունով մկրտուած դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916 թուականը, շատ կարճ ընդհատումով, ապրեցաւ ու գործեց Վասպուրական աշխարհի մէջ:

Վանի մէջ գործունէութեան այս երկարատեւ շրջանը Արամի կեանքին առանցքային բաժինը կազմեց՝ ազգային–քաղաքական գործիչի անոր մեծ վաստակին ամրակուռ պատուանդանը հանդիսանալով:

Ոչ միայն ՀՅԴ Դուրան–Վասպուրականի կազմակերպութեան մէջ, այլեւ ողջ Վասպուրականի հայութեան մօտ Արամ տարածեց Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր դաւանելու, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն սկզբունքէ եւ օրէնքէ վեր դասելու գաղափարական ուսմունքը:

Օսմանեան կառավարութեան աչքին փուշը դարձած Արամը որքան ատեցին, այնքան ալ պատկառանքով յարգեցին Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր պէկերն ու փաշաները: Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ տեսաւ իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» անուանեց զայն:

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ պատմական վերիվայրումներով յղի այդ երկար ժամանակշրջանին, Արամ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը մարմնաւորող անվիճելի ղեկավարը: Ազգային–քաղաքական ինքնակազմակերպման եւ պետական տարողութեամբ ենթակառոյցի ստեղծման առումով՝ Արամ բախտորոշ Գործ կատարեց վանի մէջ: Արգասիքը եղաւ 1915ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ: Իբրեւ այդպիսին՝ ռուսական զօրքին ու հայ կամաւորական գունդերու յաղթական մուտքէն ետք, Արամ նշանակուեցաւ Վանի կառավարիչ, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վստահութեան, այլեւ՝ ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան:

Բայց յատկապէս Արամի երեւանեան գործունէութեան մէջ տեսանելի ու ճառագայթող է ազգային ու պատմական առումով անոր մեծագործութիւնը:

1917ի Դեկտեմբերին իր Երեւան ժամանումէն մինչեւ 29 Յունուար 1919ի իր վախճանը, Արամ Մանուկեան բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով Արարատեան Դաշտի ողջ հայութեան մարտունակութեան խտացեալ մարմնաւորումը դարձաւ: Որբի եւ ողբի, գաղթականութեան եւ յուսալքումի, արշաւող թուրքէն սարսափահար եւ դէպի Ռուսաստան հայեացքը յառած ցանուցրիւ հայութենէն, ամիսներու վրայ տարածուող իր տենդոտ աշխատանքով եւ բազմութիւններ գերելու եւ ի մի բերելու, համախմբելու եւ կազմակերպ ամրոցի վերածելու իր տաղանդով՝ Արամ շունչ եւ մարմին տուաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի յաղթական հերոսամարտերուն:

Դարձեալ պատահական չէր, որ հայոց նորագոյն պատմութեան օրհասական այդ պահուն՝ Երեւանի հայութիւնը «Դիկտատոր» կարգեց Արամը եւ անոր վստահեցաւ ազգային իր ճակատագիրին դարբնումը: Արամ արժանաւորապէս իրագործեց իր ուսերուն վրայ դրուած ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը եւ դարձաւ հիմնադիրը Հայոց Պետականութեան վերականգնումին:

Արամի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ծաւալուն իր մենագրութեան մէջ, անդրադառնալով Երեւանի Յատուկ Կոմիտէի ղեկավարման շրջանին, Արշալոյս Աստուածատրեան կը վկայէ, թէ ինչպէ՛ս 5 Յունուար 1918ին, Սուրբ Ծնունդի օրերուն, յանուն Ազգային խորհուրդին, Արամ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց եւ մեր ժողովուրդը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի իր աւանդական տօնախմբութեանց վերջ տալով, յօժարակամ փութաց տէր կանգնելու ազգային իր պարտաւորութեանց: Այդ առիթով արձանագրուած է Արամի վարքագիծն ու մտածողութիւնը պարզող հետեւեալ յուշ–պատգամը.

«Այսպիսի պայմաններում,– ասաց նա,– մեր ժողովուրդը հրաշքներ կարող է գործել: Շատ անգամ առիթներ եմ ունեցել նկատելու, որ մեր գիւղացուն պարտաճանաչութեան զգացումը հարազատ է: Գիտակցութեան նշան է այդ: Ազգային խորհրդի մի կոչը բաւարար է, որ նա իր համար այդ ազիզ օրին թողնի տուն ու տեղ եւ շտապի զէնքի տակ, երբ ստիպողական, հարկադրական ոչինչ չկայ: Մինչդեռ ռուս կառավարութեան զօրակոչը գլուխ էր գալիս ահ ու սարսափի ազդեցութեան տակ: Այսօր Օշականից ինձ մի այսպիսի դէպք պատմեցին: Երբ Ազգային Խորհրդի կոչը հասնում է գիւղ, զինակոչի ենթակայ երիտասարդները պատրաստութիւններ են տեսնում Վաղարշապատ գալու՝ արձանագրուելու համար: Գիւղի ունեւորներից մէկը, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքում իր որդուն զանազան միջոցներով ազատել էր զօրակոչից, Ազգային խորհրդի կոչը կարդալով՝ կանչում է որդուն եւ ասում. «Բալայ, էլ Աստուած ինձ ղաբուլ չի անի, որ պահուես: Պատրաստուիր եւ Աստուած հետդ, բարի ճանապարհ, ո՛չ ոքից յետ չմնաս:

«Ես մի բանից եմ վախենում,– շարունակեց Արամը,– վախենում եմ՝ մենք սեւերես դուրս գանք մեր ժողովրդի առջեւ, չկարողանանք կազմակերպել գործը եւ կորցնենք նրա հաւատն ու վստահութիւնը»:

Այս աստիճան պարտքի եւ պատասխանատուութեան զգացումով սեփական ժողովուրդին պաշտող Արամը անտարակոյս պիտի յաջողէր իր առաքելութեան մէջ եւ այդպէս ալ եղաւ:

Հայ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ընդառաջեց Արամի պատմական կոչին, իսկ ինք՝ հայոց անզուգական ղեկավարը, արժանաւորապէս առաջնորդեց հայութիւնը դէպի հայրենակերտ յաղթանակ:

Արամի անփոխարինելութեան խոր համոզումը ունէր հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդին բացառիկ ներկայացուցիչներէն զօրավար Սիլիկեան, որ Մայիսեան յաղթանակներուն ընդհանուր հրամանատարը եղաւ: Երբ 1917ի ձմեռնամուտին Թիֆլիսի մէջ բուռն քննարկումներ տեղի կ՛ունենային ռուսական բանակին կողմէ լքուած հայ–թրքական սահմանին համար զինուորական վարիչի պաշտօնին յարմար թեկնածու գտնելու հարցին շուրջ, Արամի նշանակման ընդդիմացող եւ փոխարէնը իր անձնական թեկնածութեան վրայ պնդող շրջանակներուն զօր. Սիլիկեան կը պատգամէր.

«Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին համար: Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է՝ ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու: Ես այժմ էլ առանց Արամի հետ խորհրդակցելու՝ ոչ մի կարեւոր քայլ չեմ առնում. իսկ վարիչի պաշտօնը յանձն առնելու պարագայում, գրասենեակս տեղափոխելու եմ նրա մօտ: Ոչ մի զինուորական վերարկու ո՛չ ոքի չի տայ այն՝ ինչ որ ունի Արամը»:

Այսօրինակ ազգային ղեկավար ու քաղաքական առաջնորդ էր Արամ եւ կենսագիրները միահամուռ կը վկայեն, որ եթէ անողոք հիւանդութիւնը չկտրէր կեանքի թելը Արամին, հայոց նորագոյն պատմութեան այս հսկան ի վիճակի պիտի ըլլար նաեւ առողջացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմերը՝ մեր ժողովուրդին ազգային–հասարակական միասնութեան եւ կենսունակութեան ներքին շաղախը: Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքն ու ուժը ջլատող ցեցերու դէմ պայքարի մեծ գործ կար տակաւին եւ յատկապէս Արամ ի վիճակի էր պատուով յաղթական իր աւարտին առաջնորդելու այդ պայքարը:

Բայց ճակատագիրը ընդհատեց Արամի կեանքը եւ անաւարտ թողուց անոր ձեռնարկած մեծ գործը: Հայ ժողովուրդը արժանավայել յուղարկաւորութեամբ Արամը յանձնեց իր այնքան պաշտած մայր հողին: Արշալոյս Աստուածատրեան այնքա՜ն դիպուկ նկարագրականով կր գրէ.

«Արամի յուղարկաւորութիւնը ժողովրդական մեծ սգի արտայայտութիւն էր: Հազարաւոր մարդիկ եկել էին վերջին յարգանքը մատուցանելու այն մարդուն, որին վստահել էին իրենց բախտը ամենածանր օրերին: Ես գիտեմ, թէ ի՛նչ է եղել Արամը՝ Երեւանի համար, բայց եւ այնպէս, երբ դագաղը դուրս բերինք բնակարանից, այն, ինչ տեսայ դուրսը՝ մի վայրկեան սթափեցրեց մեծ կորուստի ազդեցութիւնից ու զարմանք պատճառեց. աչքդ որ կողմ ուղղում էիր՝ ծով բազմութիւն. փողոց, տանիք, լուսամուտ, պատշգամ, բոլորը բռնուած էին մեծ տարածութեան վրայ. ամբողջ քաղաքը՝ մեծ ու փոքր՝ դուրս էին եկել փողոց: Պօղոս–Պետրոս եկեղեցուց սկսած մինչեւ հանգստարան, դիակառքը մնաց դատարկ. դագաղը տանում էին ձեռքերի վրայ. եւ տանողները գլխաւորապէս վանեցիք էին, որոնք յատուկ սէր ու գուրգուրանք ունէին Արամի հանդէպ: Դաշնակցութեան տան առջեւ դամբանականներ խօսուեցին: Հոյակապ էին եւ անմոռանալի Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը: Հանգստարանում խօսեցին Յ. Քաջազնունին եւ Ա. Գիւլխանդանեանը: Այդ օրը Հայաստանի մայրաքաղաքը խորունկ սուգի մէջ էր…»:

ԳՐԱԿԱՆ-ԱՌՕՐԵԱՅ ԽՈՀԵՐ
Ծնուելը քիչ է ապրելու համար,

Ապրելը քիչ է յիշուելու համար:

Ազատաբաղձը՝ այս նենգ աշխարհում,

Պիտ հաղորդ լինի՝ ամէն տանջանքի:

Փառքը արձան չէ եւ ոչ էլ քար,

Փառքը՝ բարիքի վաստակն է արդար:

Յիշի՛ր որ միշտ մութ գիշերին,

Յաջորդում է լուսաբաց:

Խելացի մարդու լուման խլեցին,

Բայց նա տէր դարձաւ՝ ոսկէ կարասին:

Մտքի եւ հոգու հզօր ուժի դէմ,

Աշխարհակործան զէնքներն են պարտւում:

Արեւի լոյսը չի կարող օգնել,

Երբ մարդու միտքը խաւարն է պատել:

Բարութիւնից չարութիւն, լոկ մէկ քայլ է

ոչ աւելի,

Չարութիւնից բարութիւն, գուցէ մի կեանք  չբաւի:

Մարդիկ դիւրութեամբ կարող են լքել,

Այն՝ ինչի համար տանջանք չեն կրել:

Ողջախոհ է նա հպարտ ու արի,

Ով շահի համար՝ հոգին չի ծախի:

Տագնապներն յաճախ առաջ են գալիս,

Մեր իսկ գործած սխալներից:

Պատիւը ձեռք է բերւում վարքով բարեզարդ:

Շահելու ուրախութիւնը այնքան մեծ չէ,

Որքան կորցնելու տխրութիւնը:

Տկարի յանցանքն՝ երկինք է հանւում,

Զօրեղի ոճիրն՝ հողի տակ թաղւում:

Զրոն զրոյով, զրոյ է դառնում,

Դու տես մէկի հետ՝ ինչե՞ր է դառնում:

Բարի արարքի լաւագոյն վաստակը,

Յաճախ՝ գովեստն ու երախտագիտութիւնն է:

Կարող ես ձգտել լաւին, ընտրեալին,

Մի՛  հետամտիր՝ անհնարինին:

Անհուն անկման մէջ վիշտի, կորստի,

Մարդ պէտք է դարձեալ սփոփանք փնտռի:

Դրամ վաստակելը դժուար է,

Աւելին՝ խոհեմաբար ծախսելը:

Առանց խորհելու խնդիր չէս լուծի:

ՃԵՐՄԱԿ  ԱՂԱՒՆԻՆ…

Ուրախութեան

Տօն է այսօր,

Սիրտս է լցւում՝ զուարթ երգով,

Երախտագէտ՝

Ողջունում եմ,

Իմ հայրենիք՝ քե՛զ հեռաւոր…

Ու քաղում եմ՝

Հեռուից ես քո,

Հուրը, բոյրը մայրական,

Դու իմ աստղն ես՝

Հազարափայլ,

Յոյսի, լոյսի, շողով վառման…

Ջերմահաղորդ

Վառ արեւով,

Վշտիդ սառոյցն՝ թող որ հալուի,

Լուսազարդուած

Կապոյտ ցօղով,

Երազներիդ՝ ծովն թող յորդի…

Իմ Հայաստան,

Իմ քարաստան,

Երազներիս՝ հրաշք օրրան,

Դու իմ կեանքի

Հողն ես հերկել,

Որ քո շնչով՝ զօրանամ…

Ուախութեան

Տօն է այսօր,

Հայրենիքում, իմ հեռաւոր,

Նուիրում եմ՝

Ես քեզ հոգով,

Մի աղաւնի՝ ճերմակ գոյնով….

ՎԵՐՋԻՆ  ԳԻՇԵՐՈՒՄ…

Թափուի՛ր ձիւն այդպէս՝

Թափուի՛ր դու անվերջ,

Արդար ու անբիծ՝ բիւրեղութեանդ հետ,

Քանզի դու լոյս ես՝

Սերմանում մթին,

Քո այդ անաղարտ՝ ճերմակութեանդ հետ…

Թափուի՛ր ձիւն այդպէս՝

Վերջին գիշերում,

Ինչպէս մի սիրերգ, մեղմ ու զմայլուն,

Տարածիր բոյրդ՝

Հեզ ու նրբաթեւ,

Ինչպէս քնքշագին՝ մի երանութիւն…

Քո աստղանման

Ծաղկաթերթերով,

Հիւսի՛ր նոր տարուայ՝ անուրջներ կրկին,

Որ հոծ մարդկութեան,

Բիւր երազները,

Շուտով մօտենան՝ իրացման շեմին…

Թող սիրոյ երգը

Անվերջ դայլայլի,

Ժիր մանուկների ճիչը լիանայ,

Թո՛ղ որ իղձերի

Կարկաչուն առուն,

Յառնող յոյսերի՝ կապոյտ ծով դառնայ…

Թո՛ղ չարը կեանքում

Գահընկէց լինի,

Էլ թո՛ղ չլինի՝ շաչող զէնք, զրահ,

Ամէն առաւօտ,

Երկնի կապոյտում,

Խաղաղութեան մէջ՝ թո՛ղ աշխարհն լողայ…

Թափուի՛ր ձիւն թափուի՛ր

Դու այս նոր օրում,

Ինչպէս մի սիրերգ՝ երազով անհուն,

Սնուցիր հոգիս՝

Մի Նոր թարմութեամբ,

Քո ձեռքով հիւսուած՝

ճերմակ գիշերում…

ԱՒԻԿ ԴԷԻՐՄԵՆՋԵԱՆ

Բոստոն

ՄՏԱԽԵՂՈՒԹԻՒՆ
Երբ կեղծ միտքը թափանցում է

Անկեղծ մտքի արթնութեան մէջ,

Թմրացնում է արթուն միտքը

Տիրապետող կեղծութեան մէջ:

Մարդիկ կամայ, թէ ակամայ,

Մնում են միշտ խաղին գերի

Եւ չեն հասնում անկեղծութեան

Մակարդակին անեղծների:

ԿԵՂԾՄՏՈՒԹԻՒՆՆ Է ԿԵԱՆՔԻ ԹՇՆԱՄԻՆ

Անկեղծութիւնն է սէրը պահպանում:

Կեղծմտութիւնը… անկեղծութեան դէմ

Վրէժխնդրութեան դաւերն է մանում,

Որ պայքարներում,

Կեղծմիտ-անկեղծմիտ,

Յարաբերական մտածողութեամբ

Կեղծմտութիւնը

Արմատաւորուի, հաստատագրուի

Որպէս գերագոյն կեանքի սահմանում,

Որ քօղապատի

Անբարոյական ամէն սերմանում:

Անկեղծութիւնն է սէրը պահպանում:

Եւ առանց սիրոյ

Չկայ կեղծապատ մտքի դարմանում:

Սիրոյ կործանում՝ կեանքի եղծանում՝

Ապականութեամբ մտքի խցանում:

Խցանուած մտքով… մարդու վերծանո՞ւմ՝

Կեանքի կործանում:

Բարոյականը

Անբարոյապէս չի խորհրդածում:

Անբարոն՝ նոյնպէս՝

Բարոյական միտք չի էլ մտածում՝

Միայն անբարոյ անցուդարձների

Իրականացման, անհոգ պահպանման,

Արմատագրման ճարն է հնոցում:

ԴԱՒ, Թ՞Է… ՊԱՏՈՒԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մարդիկ… կեանքը պիտի ապրեն

Օտար մտքով արկածալի՞,

Թէ՞… մաքրութեամբ՝ մարդկայնութեամբ,

Անեղծ մտքով ակնածալի:

Դա՛ւ է տրուած ամէն նպաստ,

Երբ մարդ չունի փրկութեան լաստ:

ԱԲՐԱՀԱՄ ԱՆՊԱՐՏ

Բնա-տնտեսական Աղէտների, Համբերութեան Ու Հանդուրժողականութեան Մասին
ԽԱՉԻԿ ՄԵԼԵՔԵԱՆ

Այսօր այնքան ենք տարուած տնտեսական աղէտներով որ շատերս պարզապէս հրաժարւում ենք նկատել, թէ բնական աղէտների արդիւնքում գրանցուած տնտեսական կորուստները տարէցտարի ինչպիսի թափով են աւելանում, վնասելով մեր կենսամակարդակի բարելաւման աճի հնարաւորութեանը: 2011ը վերջին մի քանի տասնամեակների պատմութեան ժամանակահատուածում մրցանիշային արդիւնքով անցաւ պատմութեան մէջ. Ճապոնիայի եւ Նոր Զելանդիայի երկրաշարժերը, Թայլանդի եւ Աւստրալիայի ջրհեղեղները, Հիւսիսամերիկեան պտուտակահողմերը, կարելի է ասել, աշխարհի դրամապանակը չորացրին:

Շատերի կարծիքով այս ամէնը պայմանաւորուած չեն եղանակի կա՛մ օդի ջերմաստիճանի հետ կապուած փոփոխութիւններով: Փաստացի տուեալները բացակայում են, թէ պտուտակահողմերը մէկ դար առաջ աւելի քիչ են եղել, քան այսօր: Բայց մեր օրերին բնական աղէտների հետեւանքների հետ հաշուի նստելը շատ աւելի թանկ է, քան դարեր առաջ, եւ ահա թէ ինչու. Այսօր մարդկանց մեծամասնութիւնը հիմնականում բնակւում են խոշոր, խիտ բնակեցուած քաղաքներում, կա՛մ այսպէս կոչուած գետերի դելտաների հատուածում, կա՛մ էլ արեւադարձային ափերի մօտ: Կարելի է միանշանակ յայտարարել, թէ զարգացած երկրներում աղէտների հետեւանքների դէմ պայքարը շատ աւելի լաւ է կազմակերպուած, քան զարգացող եւ յետամնաց երկրներում: Որոշ հաշուարկների համաձայն, հարաւ արեւելեան Ասիայի զարգացման արդիւնքում այս շրջանում ապագայ աղէտների արդիւնքում առաջացած տնտեսական հետեւանքները կարող են է՛լ աւելի թանկ նստել համայն մարդկութեան վրայ, քանի որ տասնամեակներ կը պահանջուի այս շրջանում համապատասխան նախապատրաստուածութեան հասնել նշուածի առումով:

Աշխարհի տնտեսութիւնն այսօր աւելի քան երբեւէ փոխկապակցուած է, եւ պաշարների թէկուզ եւ ժամանակաւոր խափանումը անկասկած պիտի ազդի համաշխարհային տնտեսութեան վերականգնման առումով: Այստեղ նշում են մի յուսադրող տուեալ: Չնայած աղէտների յաճախակիութեանը, զոհերի թիւը նուազել է, քանի որ խոշոր բնակավայրերում աղէտների հետ հաշուի են նստում շատ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով, քան գիւղական կա՛մ արուարձանային վայրերում, իսկ մարդկութիւնը միտում ունի կենտրոնանալ խոշոր բնակավայրերում, քանի որ այստեղ կենսամակարդակն աւելի բարձր է, եւ աշխատանք գտնելու հնարաւորութիւնը՝ մեծ:

Կառավարութիւններն այս օրերին աստղաբաշխական գումարներ են ծախսում աղէտների հետեւանքները վերացնելու վրայ, եւ ոչ բաւարար ուշադրութեան են արժանանում նախապատրաստական աշխատանքները: Մեծ է նաեւ բնապահպանութեան դերը: Տնտեսութեան զարգացման հետ զուգընթաց, աւելի յաճախակի են դարձել դէպքերը, երբ անհատ ձեռներէցները վերացնում են ճահիճներն ու աւազահանքերը, չորացնում են ափամերձ տարածքները՝ շինութիւններ ու գործարաններ կառուցելու համար, եւ քչերն են մտածում, թէ նմանօրինակ վարքագիծը խաթարում է բնութեան կողմից կերտուած բազմաթիւ պատնէշներ, արդիւնքում՝ բազմապատկելով վտանգն ու զոհերի հաւանականութիւնը:

Որոշ գիտնականներ վկայում են, թէ բնական աղէտների արդիւնքում առաջացած փոխադրամիջոցների թէկուզեւ ժամանակաւոր խաթարումը կարող է մեծ իրարանցում եւ շփոթ ստեղծել: Օրինակ, վերջերս մասնակցեցի մի միջոցառման, որտեղ խօսում էին հնարաւոր երկրաշարժի հետեւանքների հետ հաշուի նստելու կարեւորութեան մասին: Պարզւում է, թէ ուտելիքի եւ ջրի ոչ թէ 3 օրուայ, այլ 3 շաբաթուայ պաշար պէտք է ունենալ, քանի որ խոշոր աղէտի հետեւանքով Լոս Անջելըսի հիմնական ճանապարհները վերանորոգելու համար հէնց այդքան ժամանակ կը պահանջուի, իսկ այդ ընթացքում մարդիկ ստիպուած պիտի լինեն «եօլա գնալ» իրենց ունեցած պաշարների հաշուին: Աւելի հեռու գնացող կարծիքներ էլ հնչեցին, պնդելով, թէ ուտելիքի ու ջրի պաշար չունեցողներից ոմանք կարող է ոտնձգութիւն կատարեն իրենց հարեւանների ունեցուածքի եւ անձի նկատմամբ, այդ իսկ պատճառով խորհուրդ էր տրւում օրինական զէնք պահել տանը, եթէ յանկարծ մէկի մտքով անցնի ուժի միջոցով խլել հարեւանի «հացն ու ջուրը»:

Մի քանի վիճակագրական տուեալներ, կարծում եմ, կը հետաքրքրեն ընթերցողին: 1950 թուականին Ֆլորիդայի ափամերձ շրջանում բնակւում էր մօտ 3 միլիոն մարդ, այսօր՝ աւելի քան 19 միլիոն: 1926 թուականին գրանցուած Մայամիի Մեծ Փոթորիկի հետեւանքները վերացնելու համար, այսօրուան դրամով 1 միլիարդ դոլար կը պահանջուէր պետութեան գանձարանից, իսկ ներկայ շինութիւններն ու գործատեղիները վերականգնելու համար կը պահանջուի 188 միլիարդ դոլար:

Եւս մի հետաքրքրական տուեալ. Մինչեւ 2050 թուականն ընկած ժամանակաշրջանը երկրաշարժերի, արեւադարձային ցիկլոնների, եւ ջրհեղեղների շրջանում ապրող մարդկանց թիւը կը կրկնապատկուի, կազմելով երկրագնդի բնակչութեան աւելի քան 16 տոկոսը: Սա մէկ անգամ եւս գալիս է ապացուցելու, թէ կանխարգելման եւ նախապատրաստական աշխատանքների վրայ պէտք է շատ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել:

Եւս մի տուեալ, որն առաջին հայեացքից կարող է ուշադրութիւնից դուրս մնացած լինի: Գիտնականներն ահազանգում են, թէ Հիւսիսային Ամերիկայում աննախադէպ չափով ոչնչանում են չղջիկները, ինչ որ սնկային հիւանդութեան պատճառով: Այս արդիւնքում 2006 թուականից յետոյ միլիոնաւոր չղջիկներ են սատկել: Էգ չղջիկը վերարտադրման հատուածում օրական իր քաշի չափով միջատ է ուտում, պատկերացնո՞ւմ էք, թէ տարեկան քանի միլիարդ միջատներ կարող են «շարունակել» իրենց գոյութիւնը, յարձակուելով ցորենի, գարու, եւ գիւղատնտեսական այլ կուլտուրաների արտերի վրայ, ահագին ճնշում դնելով մարդկային ուտելիքի պաշարների վրայ: Այսպէս կոչուած «սպիտակ քթի սինդրոմը» դեռեւս անբուժելի է համարւում, եւ նմանօրինակ զարգացման արդիւնքում աւելի մեծ աղէտ է խոստանում, քան միջին կա՛մ խոշոր չափի փոթորիկը:

Պարզապէս ապշել կարելի է, թէ որքան փոխկապակցուած է կեանքում ամէն ինչ: Եւ երբեւէ պէտք չէ այս մասին մոռանալ, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ էլ մարդկային առումով: Կարմիր լոյսի տակ երկար կանգնած ինքնաշարժի վարորդին միջնամատ մի՛ ցոյց տուէք, քանի որ նա կարող է ձեր ծնողի վիրաբոյժ բժիշկը լինել, ով ուշ հերթափոխից տուն է վերադառնում: Սխալմամբ ուտելիքի մէջ մի փոքր աւելի աղ լցրած խոհարարին մի հայհոյէք, քանի որ նա ձեզ պէս հարիւրաւոր մարդկանց պիտի կերակրի օրուայ ընթացքում, եւ նրա տրամադրութիւնից շատերի օրն է պայմանաւորուած. ի՞նչ գիտէք, թէ նախորդ գիշերը իր հիւանդ թոռնիկի կողքին չի անցկացրել: Երեխայի անփորձ ուսուցչի նկատմամբ ներողամիտ եղէք, քանի որ աւելի մեծ արդիւնքի կը հասնէք, եթէ նա ցաւով ու ընկճուած չհեռանայ դպրոցից. Հնարաւոր է, նրան տանը սպասում է իր ոստիկան ամուսինը, եւ կնոջ դժգոհութիւնը տեսնելով անպայման կը հարցնի, թէ ի՞նչ է պատահել, իսկ կինն էլ, հնարաւոր է, կը կոպտի ամուսնոյն, ով էլ առանց ճաշելու դուրս կը գայ տնից ու մի փոքր խախտման համար կը կանգնեցնի ձեր եղբօր ինքնաշարժը, ու մի խոշոր տուգանք կը դնի վրան:

Կարելի է այս շղթան շարունակել, բայց կարիք չկայ, պարզապէս պէտք է ընդունել, թէ ամէն ինչ փոխկապակցուած է աշխարհում, եւ պատահականութիւններ չեն լինում:

Տնտեսական ճգնաժամը շատերիս հանել  ու շարունակում է հանել համբերութիւնից, իսկ շտապ որոշումները երբեք լաւ արդիւնքի չեն հասցնում:

Ապահովութիւն Եւ Առիթ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Նաւն ալ նաւահանգիստին մէջ ապահով կը մնայ՝ ալիքներու հարուածներէն բեկանուելէ զերծ եւ անվտանգ: Սակայն, նաւահանգիստի իր կայքին մէջ երկար մնալէն, անոր յատակի մասը փտելու կը սկսի:

Այսպէս պէտք է մտածէ ամէն մարդ, երբ նայի իր «հանգիստ» ու «ապահով» կարծած կեանքին: Անպայման արկածախնդրութիւններ պէտք չեն, յաջողութեանց մէջ հանգրուանելու համար, այլ նուազագոյնը յանդգնութիւն պէտք է՝ իրագործումներ կատարելու նպատակով:

Քաղաքակիրթ աշխարհի մէջ ապրող գեթէ բոլոր ընտանիքները եւ անհատները, երբեմն անկախաբար իրենց կամքէն, ապահովագրութիւն ունենալու ստիպողութեան առջեւ կը գտնուին:

Ապահովագրական ընկերութիւններ, իրենց պետական թէ սեփական տարբերակներով, տարեկան դրութեամբ հսկայ գումարներ կը ծախսեն քարոզչական նպատակներով, համոզելու համար տուեալ երկրին մէջ ապրող քաղաքայինները, որ անպայման ապահովագրուին: Սովորական արկածի դէմ ապահովագրութենէ բացի, ներկայիս նոյնիսկ նուազ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ սկսեր է տարածում գտնել կեանքի ապահովագրութեան տեսակը, որ նոյնիսկ յետ մահու կը խոստանայ տուեալ անձին ժառանգորդներուն տալ, տուեալ անձին «կեանքին գինը»:

«Միտքի հանգստութիւն» կը կոչեն շատեր ապահովագրութիւնը, որուն համար իրենց առօրեայ ծախսէն կարեւոր բաժինը կը տրամադրեն, անակնկալներու դիմաց գտնուելէ զերծ պահելով, արդէն անակնկալներով լեցուն սովորական իրենց կեանքը: Ոմանք թէ՛ իրենք իրենց անձը, եւ թէ ուրիշները կը համոզեն անպայման նաեւ կեանքի ապահովագրութիւն ունենալու գծով, նոյնիսկ առօրեայ հաճոյքներէ զրկուելու գնով: Իսկ ուրիշներ ալ կան, որոնք «աւելորդ ծախս» կը համարեն նուազագոյն ապահովագրութենէ աւելին ունենալը, երիտասարդական իրենց առողջ տարիքին լաւագոյնս վայելելու համար կեանքը, առանց խնայողութիւններու:

«Ապահով կեանք»ի այս երեւոյթէն բացի, կան նաեւ առիթները, որոնք իւրաքանչիւր մարդ կ՛ունենայ իր ապրած օրերու ընթացքին: Չկայ մարդ, որուն առիթ չի՛ տրուիր այս կեանքի ընթացքին: Սա ընդհանրական սկզբունք իբրեւ պէտք է ընդունիլ, որովհետեւ եթէ մարդիկ տարբեր ժամանակներու մէջ կը ծնին ու այս աշխարհ կու գան, նաեւ տարբեր առիթներու դէմ յանդիման պէտք է գտնուին, իրարմէ տարբեր ժամանակներու մէջ: Յաւիտենական բնակութիւն չունի մարդ այս աշխարհի մէջ (Հմմտ Եբ 13.14), ո՛չ ալ յաւիտենական կեանք՝ հողեղէն իր մարմինով՝ նիւթեղէն այս աշխարհի վրայ: Միեւնոյն ատեն աշխարհ եկող անձեր, եւ միեւնոյն ժամանակին ապրողներու եւս տարբեր առիթներ կը շնորհուին: Սակայն, տրուած առիթներէն տեղեակ ըլլալու թէ չըլլալու խնդիրը կը մնայ անլուծելի: Ըսուած է նախապէս, թէ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին յատկապէս իրենց հոգեկան ու մտաւոր կազմաւորումով, ու յատկապէս խառնուածքով: Ոմանք աւելի արթուն են ու շուտով կ՛ըմբռնեն իրենց շրջապատին մէջ կատարուող դէպքերը, իսկ ուրիշներ՝ «քնացածներ» կը նկատուին: Ահա պատճառը, թէ ինչո՞ւ ոմանք յաջողակ են կեանքի մէջ, իսկ ուրիշներ միշտ ձախորդութիւններ կը դիմակալեն ու կը սպասեն բախտին, որպէսզի յանկարծ իր լայն ժպիտը ուրուագծէ: Բախտին սպասողը յաճախ յուսալքուած է: Բախտին ընկերացող նախաձեռնող ոգի՛ն է անհրաժեշտ, գտնելու համար այն առիթը, որ գուցէ մէկ անգամուան համար կը տրուի իւրաքանչիւր մարդու, իր կեանքի ընթացքին:

«Առիթները փախցնել» արտայայտութիւնը, որ արդէն իսկ լեզուական արտայայտչաձեւ դարձած է, ինքնին բացատրութիւն է այն անդրադարձումին, որ առհասարակ մարդիկ կ՛ունենան, իրենց տրուած առիթները փախցնելէ վերջ: Խրատատուի հանգամանք ունեցողներ՝ պատասխանատուներ, ծնողներ, ուսուցիչներ, գործատէրներ թէ փորձառու բարեկամներ, միշտ զիրենք լսող անձերուն կը թելադրեն չփախցնել առիթները: Հակառակ այս զգուշացման կոչերուն, միշտ ալ առիթներ «կը փախչին», եւ մեծ ցնցումներ ու անկիւնադարձներ կը յառաջացնեն մարդոց կեանքին մէջ: Այսպէս, օրինակ գործատէրը կրնայ կանխազգուշացնել իր պաշտօնեան, որ ուսմամբ որակաւորուելու եւ այժմէականանալու պարագային, հիմնարկէն ներս վերակացութեան բարձրագոյն պաշտօնին պիտի կոչուի: Կեանքի տարբեր պարագաներէն բացի, անփութութիւնը եւ երբեմն ալ անտարբերութիւնը պատճառ կը դառնան, որ յիշեալ պաշտօնեան մնայ այն աստիճանին ուր էր երկար տարիներ, առանց կարենալու բարձրացում արձանագրել: Մինչ աւելի խոհեմ ու շրջահայեաց պաշտօնեան, կրնայ ըսուածը լուրջի առնելով, անմիջապէս լծուիլ իր գործին մէջ ունեցած գիտութիւնը այժմէականացնելու աշխատանքին, եւ հասնիլ այն աստիճանին՝ որուն արժանի ու յարմար կը նկատուի իր գործատիրոջ կողմէ:

Նաւահանգիստին մէջ «հանգիստ» ու «ապահով» խարիսխ նետած նաւուն օրինակը ինքնին խօսուն է, վերոյիշեալ երեւոյթները պարզաբանելու առումով: Ատոր վրայ պէտք է աւելցնել մէկ պատկեր եւս, այն՝ թէ նաւուն նետած խարիսխը եւս, ջուրին տակ երկար մնալով պիտի ժանգոտի, յաճախակիօրէն դուրս բերուելով նորոգութիւններէ զրկուած մնալուն հետեւանքով: Տեսնուած է, որ նաւաստիներ ամէն անգամ երբ դուրս քաշեն խարիսխը, ատոր վրայէն ժանգը կը մաքրեն, բացուած ծակերը երկաթով կ՛ելեքտրակիզեն, ապա կը կուպրապատեն կամ կը ներկեն:

Մենք ալ «նաւ»եր ենք այս աշխարհի ծովերուն վրայ ծփացող: Նաւահանգիստներու մէջ ապահովութիւն վայելելու եւ հանգստանալու ժամանակն ալ կայ, նաւելու եւ քարափէն հեռանալու ժամանակն ալ կայ: Նաւելու ժամանակ այնպէս ինչպէս նաւապետին հիմնական նկատակը կ՛ըլլայ նաւը ժայռերուն զարնուելէ հեռու պահելը, նոյնպէս ալ մենք իբրեւ «կեանք-նաւ»եր, յանդգնութիւնը պիտի ունենանք մտնելու նոյնիսկ ովկիանոսներու մէջ, մեծ ալիքներու դիմաց կռուելու, պայքարելու հարուածող փոթորիկներու եւ կատաղի շնաձուկներու դէմ, միշտ նպատակ ունենալով նաւը խաղաղութեամբ դէպի նաւահանգիստ դարձնելու հեռանկարը: Այլապէս, մեր նաւը միշտ նաւահանգիստին մէջ պահելով զայն ապահով տեղ դրած ըլլալու մեր խոհեմութիւնը կրնայ շուտով յուսախաբ ընել մեզ, երբ մեր աչքերուն դիմաց տեսնենք անոր փտումը եւ քայքայումը:

Կեանքի մէջ երբեմն մէկ անգամ միայն ներկայացող առիթները, կրնան ապահովութիւն չներշնչել մեզի, սակայն զանոնք բարիին ծառայեցնելը, ու շրջապատին մէջ ապրողներու ապահովութեան վերածելը, ինքնին շինիչ աշխատանք է, եւ գնահատանքի արժանի:

Աստուծոյ մեզի ընծայած առիթները արթնութեամբ տեսնելու, զգօն ըլլալով զանոնք «չփախցնելու» եւ իրագործումներով հարստացնելու կարողութիւնը, յաճախ փորձառութեամբ ձեռք կը ձգուի: Եթէ անձնական փորձառութիւն չունինք, պէտք է գտնուին մարդիկ մեր շրջապատին մէջ, որոնք ունեցած են այդ փորձառութիւնը. օգտուի՛նք անոնց փորձառութենէն:

Ապահովութիւնն ու առիթները ներդաշնակելու կամքը մեր ձեռքին մէջ կը գտնուի:

Պզուկ, Կամ՝ Պատանեկան Փշտիկաւորում (Acne)
Պատրաստեց՝

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Պզուկը (acne) մորթի մազապարկերու (hair follicles) եւ ճարպագեղձերու բորբոքումի հետեւանքով՝ մորթի մակերեսին վրայ յառաջացած փշտիկաւոր հիւանդութիւն է:

Ան կը յայտնուի գլխու եւ երեսի վրայ, յատկապէս՝ ճակատի, այտերու, շրթունքի, կզակի եւ վիզի վրայ:

Պզուկը կը պատահի պատանիներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան:

Սակայն անիկա առաւելաբար տեսնուած երեւոյթ է պատանիներուն մօտ, արբունքի շրջանին:

Պզուկը կը յայտնուի զանազան ձեւերով.

1. Պարզ կարմրագոյն փշտիկներ (papule)

2. Թարախափշտիկներ (pustules) եւ կայծորիկներ (furuncles)

3. Մազով լեցուն թարախափշտիկներ (comedon)

4. Պարկային փշտիկներ (cystic)

5. Հանգոյց-կծիկներ (nodule):

Պզուկի ախտապատճառներն են՝

Ա. Հիմնական

ախտապատճառներ

1. Ներազդակային (hormonal) խանգարումներ, որոնք տեղի կ՛ունենան՝

- Արբունքի շրջանին

- Յղութեան 9 ամիսներու ընթացքին

- Դաշտանամիջոցին (menstrual cycle)

- Դաշտանադադարին (menopause):

Վերոյիշեալ չորս պարագաներուն ալ տեղի կ՛ունենան մնայուն կամ ժամանակաւոր ներազդակային խանգարումներ եւ փոփոխութիւններ: Այս ներազդակները կը գրգռեն մորթի ճարպային գեղձերը, որոնք բնականէն աւելի ճարպ արտադրելով՝ պատճառ կը դառնան պզուկի յայտնութեան:

2. Գերքրտնութիւն եւ մորթի խոնաւութիւն, որ կը պատահի մանաւանդ ամրան եղանակին:

Բ. Երկրորդական

ախտապատճառներ

1. Մորթի մաքրութեան համար գոր- ծածուած որոշ օծաններ (ointments).

2. Դէմքի անբաւարար մաքրութիւն.

3. Տուրմի չափազանց սպառում.

4. Սեռային կեանքի աշխուժութիւն.

5. Ճարպակալում-գիրութիւն:

Պզուկը կրնայ ըլլալ՝

1. Մեղմ կամ ուժգին,

2. Փոքր տարողութեամբ կամ տարածուն՝ ամբողջ դէմքին եւ գլխուն վրայ,

3. Անցողակի կամ մնայուն:

Պատանեկան տարիքին պատահած պզուկի փշտիկները ընդհանրապէս կը բարելաւուին եւ կ՛անհետանան մինչեւ 20 տարեկան: Քիչ պարագաներու եւ մանաւանդ կիներու մօտ, պզուկը կը դառնայ մնայուն երեւոյթ մինչեւ 40 տարեկան:

Պզուկը կրնայ յառաջացնել կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

1. Գլխու եւ դէմքի մորթի երկրորդական բորբոքում, որ կը յառաջանայ, երբ պզկոտ պատանին շարունակ կը խաղայ իր փշտիկներով, կամ կը քերէ զանոնք:

2. Թարախափշտիկներու մնայուն սպիացում.

3. Ամօթխածութիւն, ընկճուածութիւն եւ զգացական ու հոգեբանական զանազան խանգարումներ պզկոտ պատանիներուն մօտ, արբունքի շրջանին:

Պզուկի դարմանումը կը կայանայ որոշ միջոցառումներով.

1. Ճարպի արտադրութեան նուազում՝ դեղերու գործածութեամբ.

2. Հակամանրէական դեղերու գործածութիւն.

3. Գլխու եւ դէմքի մորթի յարատեւ մաքրութիւն՝ յատուկ օճառներով, օծաններով եւ լոգանքով:

Հայկական Բանակի Հիմնադրութեան 20 Ամեակին Առթիւ՝ Տօնդ Շնորհաւոր
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յստակ է, թէ երկրի մը բանակը յատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ: Ան է, որ ի գին ամէն զոհողութիւններու՝ կը պաշտպանէ նոյն այդ երկրին սահմանները, անշուշտ՝ միաժամանակ փորձելով ապահովել անոր խաղաղութիւնը: Ուստի նշեալ երկրի բանակը, իր պատիւն ալ է:

Եթէ շատերու համար բանակին ծառայելը պարզապէս գործ մըն է, ընդհակառակը՝ անդին նկատուած է, որ բանակ մը որքա՛ն ալ կազմուած ըլլայ արդիական զէնքերով կամ հրթիռներով, եթէ անոնց ընկերացած ըլլան նուիրեալ, գիտակից եւ ոչ պատահական մարդիկ, բանակը այնքա՛ն աւելի որակաւոր, հզօր ու աչքառու կը դառնայ եւ ամէն պատերազմէ ետք միշտ յաղթական դուրս կու գայ:

Մէկ խօսքով՝ կարգապահ մարդոց տեղն է բանակը, որուն ծառայողը լաւատեղեակ է խաղաղութեան, անոր պաշտպանման արժէքին ու իմաստին: Ու եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ուստի հետեւցնելով կրնանք ըսել, թէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը ընտանիքն է: Անոր համար դարերէ ի վեր մարդիկ, պետութիւններ, ժողովուրդներ իրենց երկրի խաղաղութեան եւ ինչու չէ նաեւ՝ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած՝ առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրի բանակին, անոր մարդուժի քանակին եւ որակին, ինչպէս նաեւ հզօրացման աշխատանքներուն: Նոր զէնքերով զինած են զայն. միշտ մօտէն հսկած ու ամէն գնով հոգացած են անոր պահանջներն ու կարիքները. արդիականացուցած են զէնքով ու մարդուժով. կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած: Տեսնուած է նաեւ, որ ամէն պատերազմ իր աւարտին միշտ բերած է որոշ գիտութիւն, թեքնիք ու փորձառութիւն:

Եւ քանի որ բանակին համար մեծագոյն արժէքը զինուորին կամ ծառայողին կեանքն է, ուստի ամէն առիթներով մարդիկ, բանաստեղծներ, գուսաններ եւ երգիչներ երգեր ու տաղեր հիւսած են ու ոտանաւորներ նուիրած:

Իր կարգին, երկրին մամուլը յօդուածներով ու պատմուածքներով ջատագոված է իր բանակին յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները: Ապա վերջը, նոյն այդ երկրի ղեկավարները, առ ի երախտագիտութիւն՝ միշտ մեծարած են իրենց բանակի արժանաւորները յատուկ մետալներով կամ յուշարձաններով: Նոյնիսկ երկրի մեծ քաղաքներու գլխաւոր պողոտաներն ու փողոցները իրենց բանակին ծառայող հերոսներու ու նուիրեալներու անուններով կոչած են:

Սակայն ինչո՞ւ այս բոլորը:

Որովհետեւ այս օրերուն եւ յատկապէս Յունուար 28ին, հրապարակային կերպով հայ ժողովուրդը կը տօնախմբէ իր Ազգային բանակի հիմնադրութեան քսանամեակը:

Վայրկեանի մը համար երեւակայեցէք, որ մեր երկիրը քսան տարիներ առաջ կրկին անկախ դարձած էր, ու այսօր, այդ օրերուն ծնած հայ մանուկը, արդէն իսկ իր Ազգային բանակին կը ծառայէ:

Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան այս ամեակը:

Լաւատեղեակ ենք ու խոր յարգանքով կը յիշենք Արցախեան պատերազմին մեր բանակին ձեռք ձգած յաղթանակները, հայ զինուորին քաջարի ծառայութիւնը, օրինակելի գիտակցութիւնը, հայրենիքի հողի ազատութեան ի խնդիր անոր թափած սուրբ արեան նպատակը: Մեզի համար այս բոլորը ոչ միայն նորութիւններ էին, այլեւ՝ ներշնչման աղբիւրներ:

Քսան տարեկան հայկական բանակ եւ հայ զինուոր:

Չենք կրնար անտարբեր ըլլալ:

Մեր բանակը մեր ազգային պատիւն ու յաղթանակն է: Գիտենք ու ամէնօրեայ մեր կեանքի հեւքին հետ ալ միատեղ, մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն: Կը լսենք անոր «խնդիրներ»ն ու «բացթողումները»: Բայց այս բոլորին կողքին, անպակաս են նաեւ առիթներն ու երեւոյթները, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին եւ վառ յոյս՝ մեր հայրենիքի փայլուն ապագային հանդէպ:

Մեր այս տողերը պարզ պաշտամունքի մը ծնունդն են, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մեր բանակը մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ կ՛առաջնորդէ:

Վկայ՝ Արցախի արիւնոտ պայքարը:

Բոլոր նահանջող հոգիները թող գիտնան, թէ անցած քսան տարիներուն մեր ազգային բանակները, ըլլան անոնք Արցախեան կամ Հայաստանեան, մեծ յանձնառութիւններու դիմաց գտնուեցան ու հոսող ժամանակին դէմ թիավարեցին, երբեմն բոլորովին աննպաստ պայմաններու մէջ, երբեմն ալ նոյնիսկ՝ արիւնոտ յաճախանքներով՝ միշտ իբրեւ ուժ ունենալով իրենց ներքին հաւատքը, պատկանելիութեան հուրքը, ծառայելու տենդը եւ մահուան ու ազատութեան գիտակացութիւնը:

Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկայ է հայ բանակը: Ո՛չ մէկ կասկած եւ տարակուսանք: Պէ՛տք է անոր զօրակցիլ: Միշտ արդիական դարձնել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ու այս ձեւով ամրապնդել նաեւ մեր յոյսերը: Մեր ժողովուրդը միշտ բարձր գնահատած է հայ բանակի անդամներուն հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով, սակայն երբեք չէ յուսահատած, այլ՝ ընդհակառակն, միշտ խանդավառուած է անոր լաւ լուրերով ու յաջողութիւններով, որովհետեւ ազգովին հաւատացած է, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդին յաւերժութեան հաւատամքը:

Հայ ենք ու պատմութիւնը վկայ՝ իբրեւ բանակ համայն ժողովուրդով, մեր այրուձիով, մեր մեծով ու պզտիկով միշտ կռուած ենք կեանքի, ազատութեան եւ մահուան համար: Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն մեզ դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի առաջ,

խրոխտ յաղթանակներու եւ յաւերժական կեանքի ու յաւիտենականութեան:

Քսան տարիներ առաջ մեր ազատ ու անկախ հայրենքին մէջ բանակաշինութիւն տեղի ունեցաւ ու այս ձեւով մեր ժողովուրդը իր ինքնութեան գոյութիւնը կրկին անգամ երաշխաւորեց: Ապա նոյն այդ բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով յաղթանակներ կոթողուեցան:

Այսօր նոյն այդ բանակի սեփականութեան հրճուանքն է, որ մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ ան է, որ մեր հողին ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

Թող մեր Ազգային բանակին ծառայելը բոլորիս համար հպարտութիւն ըլլայ:

Անոր համար՝ ի սրտէ բարի մաղթանք մը մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:

Քսաներորդ տարեդարձդ շնորհաւոր՝ Հայկակա՛ն բանակ:

Լոյս Տեսաւ «Վէմ» Հանդէսի Չորրորդ Թիւը
Լոյս  է  տեսել «Վէմ» հանդէսի 2011 թ. 4րդ համարը՝ 250 էջ ծաւալով եւ գունաւոր ներդիրներով։

«Խմբագրականում» եւ «Հիմնաքարեր» բաժնում տեղ գտած հրապարակման մէջ շարունակուել եւ իր տրամաբանական աւարտին է  հասցուել  Հայոց անկախ պետականութեան  20ամեայ ուղու գիտական քննութիւնը, այս անգամ՝ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ կանգնած հիմնախնդիրների բացայայտման եւ մարտահրաւէրների կանխատեսման փորձի միջոցով։

Հիմնարար բնոյթ ունի Ալբերտ Ա. Ստեփանեանի «Քաղաքակրթական հաւասարակշռութիւնը Մեծ Հայքում» ուսումնասիրութեան հերթական բաժինը, որը միաժամանակ, առանձին, ինքնորոյն յօդուած է։ Հեղինակը Արտաշիսեան արքունի հասարակութեան իմաստաբանութիւնը, կառոյցն ու գործառոյթը քննելու միջոցով ընթերցողին է ներկայացրել արքունաբանութեան կա՛մ՝ արքունագիտութեան վերաբերեալ առաջին  գիտական հրապարակումը՝ հայ պատմագիտութեան մէջ։

«Վէմ» հանդէսի 2011 թ. 4րդ համարը խիստ հարուստ է յոբելեանական բնոյթ ունեցող ուսումնասիրութիւններով, որոնք կապուած են 2011ին լրացած՝ Պետրոս Դուրեանի՝ 160 եւ Գրիգոր Զոհրապի 150ամեակների եւ այս տարի լրացող՝ Լեռ Կամսարի ծննդեան 125ամեակի հետ։ Դրանց հեղինակներից՝ Սուրէն Դ.Դանիէլեանը քննութեան է ենթարկել Պետրոս Դուրեանի բանաստեղծական ենթաբնագրերը, Էմմա Ա. Կոստանդեանը՝ Գրիգոր Զոհրապի գործունէութիւնն արեւմտահայոց Ազգային Ժողովում եւ Օսմանեան խորհրդարանում, իսկ Յարութիւն Լ. Քիւրքճեանը՝ Լեռ Կամսարի քաղաքական սատիրան (երգիծանքը-Խմբ.), որը խիստ արդիական նշանակութիւն է ձեռք բերել վերջերս լրացած՝ ԽՍՀՄ-ի փլուզման 20ամեակի լոյսի ներքո։

Ուշագրաւ է «Մշակոյ»չ բաժնում արուեստաբան  Իւեթ Ն. Թաջարեանի՝  իրանահայ գեղանկարիչ Անդրէ Սեւրուգեանի արուեստին նուիրուած հրապարակումը՝ գունաւոր ներդիրներով։

Պատմական դէմքերի ու իրադարձութիւնների նորովի գնահատման ու վերարժեւորման փորձեր են Աշոտ Ն. Հայրունու «Պաուլ Ռոհրբախը եւ Հայաստանը»,  Արմէն Ց. Մարուքեանի «ՄԱԿի 1948 թ. Դեկտեմբերի 9ի կոնվենցիան եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» քննական վերլուծութիւնները, ինչպէս նաեւ ժամանակին ՀՅԴի հանդէպ անհիմն մեղադրանքների առիթ ծառայած՝ 1921թ. Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կողմից արտասահման տեղափոխուած դրամական միջոցների իրացման հարցի  հետազօտութիւնը՝ Արարատ Մ. Յակոբեանի կողմից։

Հանդէսի 4րդ համարում աւարտուել է ՀՅԴ Մեծ դատավարութեան շրջանակներում բացայայտուած՝ մարտական կազմակերպութեան անդամների անուանացանկի հրապարակումը, տպագրուել են նաեւ ամբաստանագրի եւ դատական վճռի տեքստերը (բնագրերը-Խմբ.)։

«Վէմ»ի խմբագրութիւնը յայտնում է Հայաստանի ու Սփիւռքի իր ընթերցողներին, որ 2012 թուականին հանդէսը հրապարակուելու է նոյն՝ եռամսեայ պարբերականութեամբ։ Նոյնն են մնացել նաեւ տարեկան բաժանորդագրութեան ու հատավաճառի պայմանները։

Լրացուցիչ տեղեկութիւնների համար կարելի է զանգահարել կա՛մ՝ կապուել առաքողներ՝ Աղասի Ազիզեանին (vemmagazine @gmail.com), էդիկ Անդրէասեանին (հեռախօս (374)  521-876), կամ խմբագրին (հեռախօս՝ 093 839324, կա՛մ՝ khoudinyan@yahoo.com էլեկտրոնային հասցէով)։

Լարահար
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Տպաւորութիւններ՝ Յունուար 15ին, Շուշիի արուեստի ծրագիրին ի նպաստ Լոս Անճելըսի «Պարզնտըլ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած «Վահագնի»ի ելոյթէն, որ Վահագն Թուրգութեանի կիթառին շուրջ համախմբեց Արտիոմ Մանուկեանի թաւջութակը, Վարդան Յովսէփեանի դաշնակը, Հեմիլթըն Փրայսի «պէյս»ը եւ Զեք Հարմընի հարուածային գործիքները։

Սովորաբար ներկայացուած կտորներուն մուտքը հանդարտ ու հիւրընկալ էր, սակայն ալեկոծումները չէին ուշանար՝ ունկնդիրը ներգրաւող ուժը կրկնապատկելով։ Կշռոյթը արագօրէն կը զարգանար՝ քանի մը երկվայրկեանի մէջ հասնելով երբեմն նոյնիսկ «հարտ ռաք»ի, երբ թաւջութակը կը ստանձնէր ելեկտրական կիթառին դերը։

Սպանիոյ ֆլամենքոյի խրոխտ լարերը տիրապետող էին, բայց շրջապտոյտը բազմաթիւ կայաններ ունէր։ Կովկասէն, Նիւ Օրլինզէն եւ Վիեննայէն համեմատաբար աւելի ծանօթ մեղեդիներու կամ մեղեդիներէ կտորներու կողքին, կային նաեւ Հնդկաստանը եւ նոյնիսկ Պարսկաստանն ու Արապիան յիշեցնող ձայներ, յատկապէս առիթով մը ուտի վերածուած թաւջութակի ձայնին մէջ։ Հետաքրքրական էր մտիկ ընել Հնդկաստանէն Սպանիա եւ Անտալուսիա հասած ժողովուրդին արտադրած ֆլամենքոյի երաժշտութեան մէջ՝ հնդկական «թապլա»ն, որ ներկայիս սովորաբար «սիթարին» ընկերակիցն է։

Որոշ տեղեր կարելի էր լսել նաեւ Մայքըլ Նիմընը ու Ֆիլիփ Կլասը, ինչպէս նաեւ Ճան Քէյճը կամ «Փէյճ էնտ Փլեն»չը, որովհետեւ կաղապարներէն անդին նմանութիւնները կը բազմանան։

Երաժշտական գործիքները պարզապէս իրենց վերապահուած աւանդական ձայները հանելու համար չէին գործածուեր միայն, այլ հարստացած էին անսովոր եւ նոր ձայներով։

Հաճելի էր նաեւ դիտել մեզի ծանօթ մեղեդիներու (Կոմիտասէն) կատարումը՝ իւրայատուկ ոճով։ Երբեմն կը կրճատուէին որոշ նօթեր, կամ միջանկեալ նօթեր կը նուագուէին, իսկ երբեմն արագութիւնը կը փոխուէր՝ մեղեդին դնելով բոլորովին նոր մթնոլորտի մը մէջ։ Նաեւ հետաքրքրական էր ունկնդրել մեղեդիին փնտռտուքը, որ երբեմն տեղի կ՛ունենար մեր աչքերուն եւ ականջներուն առջեւ։ Ապակառուցողական, բայց շինիչ այս արարքներէն ետք, պաշտօնականն ու ազատը՝ վարպետօրէն եւ սանձարձակօրէն միաձուլուած եւ երբեմն միսթիք տարրերու համեմունքով մեզի հրամցուեցան: Անոնք միաժամանակ հոյակապ նմոյշներ էին գերազգային ու արդի արուեստի:

Այս հանճարեղներուն միակ նկատողութիւնս պիտի ըլլայ՝ նուազեցնել հարուածային գործիքներուն տրամադրուած ձայնի բաժինը, որպէսզի միւս գործիքները, յատկապէս դաշնակը, անոնց շուքին տակ չմնան։

Ձեր ձեռքերը դալար, տղա՛ք. շարունակեցէք ձեր լարերու հարուածներով ալեկոծել մեր հոգիները, որպէսզի ճահճացումէ հեռու մնանք։

Աչքերու Խնամքը…
Աւելի Պայծառ Եւ Աւելի Հանգստաւէտ Աչքեր Ունենալու Համար

Էջը Պատրաստեց՝

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Հաւանաբար ձեր մորթը շատ լաւ վիճակի մէջ է ու ձեր շպարը՝ բաւական կատարեալ, սակայն եթէ ձեր աչքերուն տակը սեւցած է, ինչ ալ ընէք ձեր լաւագոյն տեսքը չէք ստանար: Մորթի մասնագէտները աչքերուն տակի այս սեւութեան համար կու տան զանազան պատճառներ, որոնց շարքին՝ անքնութիւնը, արեան դանդաղ շրջագայութիւնը, գերզգայնութիւնը եւ բարակ մորթը: Դէմքին այդ բաժինը արդէն ինքնին համեմատաբար աւելի հանգիստ բաժինն է եւ ունի բնական թեթեւ շուք մը. այդ պատճառով ալ աւելի ցայտուն կը դառնայ այդտեղի սեւութիւնը կամ մթութիւնը։

Ուրախանալին այն է, որ ասիկա լուծում ունի:

Ահաւասիկ կարգ մը խորհուրդներ, զորս կարելի է փորձել.

- Աւելի երկար ժամեր քնացէք:

Այս մէկը ամենակարճ եւ ամենաուղիղ քայլն է, որ կրնաք առնել բարելաւելու համար աչքի տակի սեւութեան վիճակը: Ամէն գիշեր քնացէք 7-8 ժամ: Թելադրելի է ձեր գլուխը դնել բարձի մը վրայ, որպէսզի անիկա աւելի բարձր մնայ, քան մարմինը, ինչ որ կը նպաստէ աչքերուն ուռը  նուազեցնելու:

- Թեթեւ մարզանք: Կարգ մը մասնագէտներ կը կարծեն, թէ արեան դանդաղ կամ թերի շրջագայութիւնը պատճառ կը դառնայ աչքի տակի սեւութեան, աչքերուն տակ արեան աւազան մը կը կազմուի եւ մորթին ընդմէջէն կ՛երեւի թուխ գոյնը: Հետեւաբար արեան այդ աւազանը տարածելու եւ ընդհանրապէս արեան շրջագայութիւնը բարելաւելու համար կը թելադրեն ամէնօրեայ դրութեամբ բացօթեայ կարճատեւ թեթեւ մարզանք ընել:

- Կարելի է փորձել antihistamine դեղ մը: Հակառակ անոր որ այս միջոցը կրնայ հաստատ արդիւնքներ չտալ, սակայն նոյնիսկ եթէ չօգնէ չի վնասեր, յատկապէս երբ աչքի տակի սեւութիւնը հետեւանք է գերզգայնութեան (allergy):

- Օգտագործեցէք աչքի տակի յատուկ քսուքներ: Եթէ ձեր աչքի տակի սեւութիւնը հետեւանք է մորթային գերգունաւորման (hyperpigmentation)՝ երկար ժամանակ արեւու ճառագայթներուն  ենթարկուելու պատճառով, կարելի է փորձել աչքի տակի քսուք մը, որ պարունակէ hydroquinone: Նման քսուքներ կրնան բարելաւել կացութիւնը:

- Խոնաւութիւն: Աչքի տարածքը կարիքը ունի ամէնօրեայ խոնաւեցման, մանաւանդ երբ աչքի տակի սեւութենէ կը տառապիք, որովհետեւ չոր մորթը տժգոյն երեւոյթ կ՛ունենայ, ուստի աւելի կը շեշտուի աչքի շուրջի սեւութիւնը: Այս պարագային կարելի է օգտագործել խոնաւութիւն պարգեւող քսուքներ:

- Վստահեցէք ծեփին: Եթէ վերոնշեալ բոլոր միջոցները օգտակար չկր-ցան հանդիսանալ, ապա ստիպուած պիտի ըլլաք ապաւինելու դէմքի foundation քսուքի մը: Ընտրեցէք գոյն մը, որ համեմատաբար աւելի բաց ըլլայ, քան ձեր մորթին բնական գոյնը: Քսեցէք յատուկ վրձինով, ապա զայն ամրապնդեցէք «փաուտըր»ով:

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ

Բաղադրութիւն

3 հատ միջակ չափի կարմիր գետնախնձոր

2 գաւաթ ջուր

1 հատ փոքր սոխ

3 ապ. դգալ կարագ

3 ապ. դգալ ալիւր

1 հատ մանրուած կարմիր պղպեղ

Սեւ փոշի պղպեղ՝ ըստ ճաշակի

3 գաւաթ կաթ

1/2 թ. դգալ շաքար

1 գաւաթ մանրուած cheddar պանիր

1 գաւաթ խորանարդ ջարդուած եփած խոզապուխտ (ham)

Պատրաստութիւն

Կեղուեցէք գետնախնձորները եւ մանրեցէք զանոնք 2-3 սմ. չափի խորանարդներու:

Ջուրը դրէք կաթսայի մը մէջ եւ եռացուցէք: Աւելցուցէք գետնախնձորները մինչեւ որ կակուղնան: Գետնախնձորները սուզեցէք ու ջուրը մէկ կողմ պահեցէք:

Կեղուեցէք ու մանրեցէք սոխը: Հալեցուցէք կարագը միջակ ջերմութեամբ, խորունկ եւ մեծ տապակի մէջ, ապա աւելցուցէք սոխը: Խառնելով եփեցէք, մինչեւ որ սոխը կակուղնայ, սակայն առանց սրճագոյն դառնալու:

Աւելցուցէք ալիւրը- ապա կարմիր պղպեղն ու սեւ փոշի պղպեղը, ըստ ճաշակի. եփեցէք 3-4 վայրկեան:

Աստիճանաբար աւելցուցէք գետնախնձորներն ու մէկ կողմ դրուած գետնախնձորի ջուրէն մէկ գաւաթ (անհրաժեշտութեան պարագային կարելի է աւելցնել մէկ գաւաթը եւս): Աւելցուցէք կաթն ու շաքարը եւ լաւապէս խառնեցէք: Աւելցուցէք պանիրն ու խոզապուխտը:

Յաճախ խառնելով՝ ցած կրակի վրայ եփեցէք շուրջ 30 վայրկեան:

Ծանօթ: Այս ապուրը կարելի է հիւրասիրել ֆրանսական հացի կողքին:

Իմաստուն Խօսքեր

–* Վիճեցէ՛ք, մոլորեցէ՛ք, սխալեցէ՛ք, բայց, Աստուծոյ սիրոյն, մտածեցէ՛ք:

Էսինկ

* Որքան շատ ցանկութիւն սերմանես, այնքան քիչ երջանկութիւն կը հնձես:

Տիւպէ

* Երկու պատիժ կրնան մարդս կասեցնել՝ խղճի խայթը եւ հասարակական կարծիքը:

Գիրցէն

* Միակ գեղեցկութիւնը առողջութիւնն է:

Հայն

* Ազատասէր մարդը կրնայ բանտարկեալ ըլլալ, բայց ոչ ստրուկ:

Ամիէս

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ
Պատրաստեց՝ ՎԱՀԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Վեյկ ան Զէէ քաղաքում անցկացուող Tata Steel շախմատի միջազգային մրցաշարի 6րդ տուրում գրոսմայստեր Լեւոն Արոնեանը 48րդ քայլում անխուսափելի մատի (checkmate) սպառնալիքի տակ, ստիպեց անձնատուր լինել ադրբեջանցի գրոսմայստեր Վուգար Հաշիմովին: Գեղեցիկ ոճով յաղթանակով Լեւոն Արոնեանը միանձնեայ գլխաւորեց առաջնութեան աղիւսակը, որովհետեւ Կառլսենը խաղաղ դաշինք կնքեց գրոսմայստեր Նաւարաի հետ: Կառլսենը վաստակել է 4 միաւոր:

Հայաստանի շախմատի տղամարդկանց բարձրագոյն խմբի առաջնութիւնում կայացան 9րդ տուրի մրցումները՝

Զաւէն Անդրիասեան -  Սամուէլ Տէր-Սահակեան       1/2 – 1/2

Լեւոն Բաբուջեան – Հրանտ Մելքումեան            1 – 0

Տիգրան Լ. Պետրոսեան – Հրայր Սիմոնեան               1/2 – 1/2

Կարէն Հ. Գրիգորեան – Արտաշէս Մինասեան        1 – 0

Արման Փաշիկեան -  Ռոբերտ Յովհաննիսեան        1/2 – 1/2

9 տուրից յետոյ առաջատարներն են Տիգրան Լ. Պետրոսեանը եւ Ռոբերտ Յովհաննիսեանը, որոնք վաստակել են 5,5 ական միաւոր: Զաւէն Անդրիասեանը 5 միաւորով զբաղեցնում է երրորդ հորիզոնականը: 4,5 ական  միաւոր են վաստակել Սամուէլ Տէր-Սահակեանը եւ  Հրանտ Մելքումեանը:

Կանանց առաջնութիւնում 9 տուրից յետոյ աղիւսակը գլխաւորում է Մարիա Կուրսովան, ով վաստակել է 7 միաւոր:

NBA-ի առաջնութիւնում Լոս Անջելեսի «Լէյկերս» թիմը 87:98 հաշուով պարտուեց Մայամիի «Հի»չին: Խաղի հենց սկզբից լէյկերսցիների մօտ չէին ստացւում նետումները, յատկապէս 3 միաւորանոցները: Վրիպում էին նոյնիսկ օղակի տակից նետումների ժամանակ, իսկ հակառակորդի մօտ ամէն ինչ ստացւում էր եւ նրանք առաջ անցան 22 միաւորով: Վերջին քառորդում «Լէյկերս»ի մարզիկները փորձեցին բեկում մտցնել, բայց ժամանակը չհերիքեց:

Քանի Մը Տողով
- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Յունուար 19ին հաղորդեց, թէ անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու համար դիմում կատարողներուն թիւը անցեալ շաբաթ իջած է 352,000ի, ինչ որ ամենանուազ թիւն է 2008ի Ապրիլէն ի վեր: Այդ թիւին չորս շաբաթեայ միջինը, որ աւելի կայուն տուեալ մըն է, իջած է 379,000ի, ինչ որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին երկրորդ ամենացած թիւն է:

- Հանրապետական նախագահական թեկնածու Ռիք Փերի Յունուար 19ին քաշուեցաւ ընտրապայքարէն, որոշելով նեցուկ կանգնիլ Նիութ Կինկրիչին:

- Ֆրանսայի մէջ կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, երկրին մէջ իսլամներու թիւին աճը անհանգստութիւն կը պատճառէ ֆրանսացիներու 76 առ հարիւրին: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, իսլամութիւնը ապագային գերակշռող կրօնքը պիտի դառնայ Ֆրանսայի մէջ։ Ֆրանսացիներու միայն 2.9 տոկոսը եկեղեցի կը յաճախէ, հակառակ անոր, որ բնակչութեան 64 առ հարիւրը ինքզինք կաթոլիկ կը նկատէ։ Ֆրանսայի աւելի քան վեց միլիոն իսլամ բնակչութեան 75 տոկոսը ինքզինք հաւատացեալ կը նկատէ:

Նկարչական Հաւաքական Ցուցահանդէս՝ «Լազար» Գալերիում
ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Ուրբաթ, Յունուարի 27ից սկսած, մէկ շաբաթ տեւողութեամբ, մինչեւ Փետրուարի 3ը հաւաքական նկարչական ցուցահանդէս է կայանալու «Լազար» Գալերիում, որին մասնակցելու են նկարիչ-նկարչուհիներ՝ Մեհդի Էբրահիմեանը, Զոհրէ Էբրահիմին, Փարասթու Ահմադխանլուն, Շիրին Փիլեւարին, Մեհդի Ռեզայեանը, Մոջթաբա Սաադաթին, Ալենուշ Շիրվանեանը, Շահանդոխտ Աբեդինիմանեշը, Բեհնուշ Ֆորութանը եւ Վահիդ Մոյինին:

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան, 1867-1919). Հայոց Լեռներու Անսասան Կամքը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յունուար 18ին, ծննդեան տարեդարձն է մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ Յեղափոխականին, որ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիարժէք ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով:

Աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան՝ Ռոստոմ կրտսերագոյնն էր ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան: Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած ՀՅԴ հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այսուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ ՀՅԴ պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ:

Ռոստոմի ձեռագրով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը 1892ին վերածուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:

Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած ծրագրային «Այբուբեն»ը ամբողջացնելով իբրեւ «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու ՀՅԴ Ծրագիր:

Նոյնպէս Ռոստոմի ձեռքն է, որ կ՛երեւի՝ Դաշնակցութեան Զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը:

Ռոստոմի նախաձեռնութեան կամ ղեկավարման կը պարտինք, յաջորդաբար եւ թւումի կարգով՝

1) Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը Սալմաստի մէջ:

2) ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան ապահովումն ու կանոնաւորումը:

3) 1890ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը:

4) Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման պայքարող շարժումներու հետ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումը:

5) 1903ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալով՝ համազգային ծառացման կազմակերպումը: Ազգային ըմբոստացման այդ շարժումին շուտով պիտի հետեւէր Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրումը «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը եղաւ Ռոստոմ, Արեւմտահայութեան ազգային–ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ Արեւելահայութեան ընկերային ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան:

6) 1905ին ցարական իշխանութեան հրահրած հայ–թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը:

7) 1907ի ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ:

Ռոստոմ, կինը՝ Եղիսաբէթ եւ դուստրը՝ Թագուհի

1908ին Դաշնակցութեան յարումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին: Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցին հիմնումին:

9) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական շարժման եւ յեղափոխութեան Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ-Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ:

10) Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին:

11) 1913ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներու նշանակալից մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ:

12) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, հակառակ անոր որ Ռոստոմ ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին: Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել: Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով, ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական Շարժման հզօրացման գործին:

13) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ անփոխարինելի եղաւ Ռոստոմի ներդրումը, որ պսակուեցաւ Պաքուի Հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու պոլշեւիկներու ղեկավար Ստեփան Շահումեանի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրքեւթաթար ջարդարար ներխուժման:

Ահա՛ սոսկ թուարկումը այն ներդրումներուն, որ Ռոստոմի դրոշմով Դաշնակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան 1890էն մինչեւ 1919 թուականի Յունուար 19ի Ռոստոմի վաղաժամ մահը երկարող երեսնամեակին:

Ներդրումներ, որոնք Ռոստոմին դափնեպսակը կազմեցին եւ անմահութեան արժանացուցին Ստեփան Զօրեան անուն–ազգանունով հայ ժողովուրդի այս մեծ զաւակը:

Դաշնակցութեան աւագ հիմնադրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր. ծնած էր Ցղնայ գիւղը 18 Յունուար 1867ին: Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր: Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր: Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ. ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային–հասարակական, իսկ խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ, թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար–ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեան հետեւանքով:

Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի ծխական դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական ռէալական վարժարանը եւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ–աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկաեայ Գիւղատնտեսական Ճեմարանը: Թէեւ բնագիտական եւ ուսողական գիտութիւններու մէջ փայլուն արդիւնքի կը հասնէր, այսուհանդերձ՝ հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի անյագ ծարաւը բաւարարելու ոչ մէկ պատեհութիւն կը փախցնէր: Այդ առումով ալ, մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով, Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսիստ դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ:

Աւելի՛ն. ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերներուն կողմէ «քոթո»չ անուանուած Ռոստոմը, խաղերու եւ զուարճանքի վրայ ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ միշտ հետամուտ եղաւ ինքնազարգացման. ինչպէս Վրացեան կը վկայէ, Ռոստոմ թէեւ շատ կարդացող չէր, բայց իր կարդացածը առաւելագոյնս մարսող ու իւրացնող էր: Ժամանցն ու զուարճանքը, Ռոստոմի համար, երգն ու ասմունքն էին՝ հայ թէ օտար ժողովրդական երգերէն ու ասքերէն յատկապէս յեղափոխական շունչով գործերու մեկնաբանութեամբ. կենսագիրները կը վկայեն, օրինակ, որ անգիր գիտէր ու կ՛ասմունքէր ռուսական դիւցազներգութեան դասականներէն «Թարաս Պուլպա»ն:

Պատահական չէր, հետեւաբար, որ ինչպէս Յովսէփ Տէր-Դաւթեան կը յիշատակէ Ռոստոմի նուիրուած իր յուշերուն մէջ, մահուան սնարին մէջ «պառկելուց երկու օր յետոյ, նա յիշեց Եկմալեանի «Հայր Մեր»ը եւ շարունակ երգում էր՝ պնդելով, որ «Հայր Մեր»ը ամենագեղեցիկ ներդաշնակութիւնն է: Խնդրեց, որ գտնենք այդ հազուագիւտ հրատարակութիւնը եւ իր կողմից նուէր ուղարկենք Ընկերվարական Միջազգային Բիւրոյի քարտուղար Հիւսմանսին, որը շատ գնահատում էր հայկական եկեղեցական երգերը»:

Ռոստոմի նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը կը կեդրոնացնենք ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի հետ Ռոստոմի ունեցած մտերմութեան վրայ, որ դէպի հայկական յեղափոխութիւն առաջնորդեց ոչ միայն մեծն Թումանեանի ազգային–քաղաքական գործունէութիւնը, այլեւ՝ նոյնինքն Հանճարեղ Լոռեցիի գրական-ստեղծագործական յուզաշխարհը:

1969ին, Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, հայրենի վաստակաշատ ակադեմական Արամ Ինճիկեան լոյս ընծայեց մեծարժէք մենագրութիւն մը՝ «Յովհաննէս Թումանեան» խորագրով: Թէեւ յետ-ստալինեան ձիւնհալը շատոնց սկսած էր, այսուհանդերձ՝ տակաւին խորհրդային կաշկանդումները առկայ էին եւ, փաստօրէն, հակադաշնակցական պաշտօնական քարոզարշաւի սեղմումներուն ենթակայ ըլլալով հանդերձ՝ փրոֆ. Արամ Ինճիկեան հակիրճ բաժին մը նուիրած էր Թումանեանի վրայ Ռոստոմի ունեցած բարեբեր ազդեցութեան:

Նոյնինքն Թումանեանի յուշերուն վրայ հիմնուելով՝ Արամ Ինճիկեան կը վկայէ, որ ամենայն հայոց բանաստեղծին համար գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-գաղափարական կազմաւորման «միջավայր» մը եղան «Բաղդի-քեռին՝ իր ֆանտաստիկ պատմութիւններով եւ նրա քենեկալի եղբօրորդին՝ Ստեփանը, որ սովորում էր Թիֆլիսի ռէալական դպրոցում: Ինչպէս Թումանեանն է բնութագրել իր յուշերում, Ստեփանն աչքի էր ընկնում մտաւոր զարգացմամբ, մանաւանդ լաւ գիտէր ռուս գրականութիւնը, «սիրում էր առանձնապէս Գոգոլին, անգիր գիտէր «Տարաս Բուլբան»:

«…Տարբեր միջավայրերից եկած, տարբեր դպրոցներում սովորող երկու պատանիներ, հանդիպելով Բաղդի-քեռու տանը, զրուցում են միմեանց հետ, կարծիքներ փոխանակում եւ աւելի շատ վիճում: Զրոյցների եւ վէճերի նիւթը գլխաւորապէս գրականութիւնն ու պատմութիւնն էին: Մրցում էին իրենց իմացածով եւ դէմ դիմաց հանում՝ Թումանեանը հայկականը, Զօրեանը՝ ռուսականը: «Եւ մի քանի տարուց յետոյ մեր վէճերը շատ էին փոխուել,- գրում է Թումանեանը: – Քանի ես հակւում էի դէպի օտար գրականութիւններն ու ցրւում դէպի հեռուները՝ նա ուժեղ թափով կենտրոնանում էր հայութեան վրայ»:

«Առհասարակ Զօրեանը բարենպաստ ազդեցութիւն է ունեցել պատանի Թումանեանի գրական ճաշակի զարգացման վրայ, մասնաւորապէս սէր ու հետաքրքրութիւն առաջացնելով դէպի ռուս գրականութիւնը:

«Նրանց հանդիպումներն ու զրոյցները շարունակուել են յետագայում եւս, երբ Թումանեանը վաղուց հեռացել էր Բաղդի–քեռու տնից: Բանաստեղծը պատմում է, որ «Հին կռիւը» պօէմը գրելու դրդումը ստացել է Զօրեանից. «Յետագայում էլ մի քանի պատմութիւններ արաւ ու առաջարկեց, որ բանաստեղծութեան նիւթ առնեմ: Ես նրա պատմածներից միայն մէկից, որ պատմեց 1890 թուականին, մի տէրտէրի ու իր աղջկայ պատմութիւնից օգտուեցի ու նիւթ առայ մի պօէմի: Պօէմը թէեւ գրելիս բոլորովին փոխուեց եւ ուրիշ բան դուրս եկաւ, բայց նուիրեցի Ստեփանին: Բաւական տարիներ առաջ ռուս ժանդարմաները խուզարկեցին, տարան կորցրին էդ պօէմը եւ միայն մի երկու կտոր գտայ պատահմունքով, որ տպուեցին «Տանը», «Երկրում» եւ «Հայոց լեռներում» վերնագրերով»:

Ստորեւ արտատպուած Յովհաննէս Թումանեանի հռչակաւոր ու սիրուած «Հայոց լեռներում» բանաստեղծութիւնը, փաստօրէն, ներշնչման աղբիւր ունեցած է մեր լեռնաշխարհին տոկունութեան, դիմադրականութեան եւ ամեհի վեհութեան ամէնէն առինքնող մարմնաւորումներէն հանդիսացող անզուգական Ռոստոմը.

ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒՄ

Մեր ճամփէն խաւար, մեր ճամփէն գիշեր,

Ու մենք անհատնում

էն անլոյս մըթնում

Երկա՜ր դարերով գընում ենք դէպ վեր

Հայոց լեռներում,

Դըժար լեռներում:

Տանում ենք հընուց մեր գանձերն անգին,

Մեր գանձերը ծով,

Ինչ որ դարերով

Երկնել է, ծընել մեր խորունկ հոգին

Հայոց լեռներում,

Բարձըր լեռներում:

Բայց քանի անգամ շէկ անապատի

Օրդուները սեւ

Իրարու ետեւ

Եկա՜ն զարկեցին մեր քարուանն ազնիւ

Հայոց լեռներում,

Արնոտ լեռներում:

Ու մեր քարուանը շըփոթ,

սոսկահար,

Թալանուած, ջարդուած

Ու հատուած-հատուած

Տանում է իրեն վէրքերն անհամար

Հայոց լեռներում,

Սուգի լեռներում:

Ու մեր աչքերը նայում են կարօտ՝

Հեռու աստղերին,

Երկընքի ծէրին,

Թէ ե՞րբ կը բացուի պայծառ առաւօտ՝

Հայոց լեռներում,

Կանաչ լեռներում:

1902

Այս առումով է, ահա՛, որ հայոց լեռներէն Ռոստոմ առաւ եւ իր կեանքով, գործով, անձնազոհութեամբ եւ մարտունակութեամբ խտացեալ ուժանակի վերածեց հայ ժողովուրդին անսասան  կամքը:

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՌ-ՀՅ Դաշնակցութեան Դերը Չհարմահալում
(Հիմնադրութեան 121ամեակի Առիթով)

ՆՈՐԻԿ ԵԴԻԳԱՐԵԱՆ

Արամ Մանուկեան

Երբ խօսւում է կուսակցութեան մասին, պիտի հասկանալ, որ խօսքը վերաբերում է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որովհետեւ բացի այս կուսակցութիւնից որեւէ ուրիշ կուսակցութեան չվիճակուեց առանձին գործունէութիւն ունենալ կամ խարիսխ նետել Չհարմահալում. թողնենք այն հանգամանքը, որ 20րդ դարի քառասունական թուականներից առաջ եւ յետոյ հակադաշնակցական որոշ հոսանքներ հայ երեսփոխանական ընտրապայքարների ժամանակ պատահական ներկայութիւն զգացնել տուեցին, սակայն հանրային-հասարակական կեանքում միշտ հրապարակի վրայ մնաց Դաշնակցութիւնը։

Գաւառը մինչեւ 20րդ դարի սկզբնական տարիները ապրում էր մեկուսացած կեանք։ Դրսի աշխարհը, մանաւանդ քաղաքական կեանքը իր համար մնում էր մութ ու անծանօթ։ Պանդխտութեան գնացած որոշ չհարմահալցիներից ստացուած պատահական տեղեկութիւններն ու հաղորդումները՝ արտաքին աշխարհի անց ու դարձի մասին, լայն տեղ չէին գտնում ժողովրդի սրտում:

Կուսակցութեան գաղափարը թափանցել է գաւառ Խանասորայ արշաւանքի (1897թ.), կովկասահայ դպրոցների բռնի փակման (1903թ.) եւ հայ-թաթարական ընդհարումների (1905թ.) ժամանակ, երբ մի բջիջ կազմելու փորձ է կատարւում։

Կուսակցական շարժումը մտնում է հունի մէջ եւ ձեւ ու կերպարանք է առնում, երբ 1904-5 թուականներին Նոր Ջուղայի առաջնորդական փոխանորդ Բագրատ վարդապետ Վարդազարեանի կողմից դպրոցներ են հիմնւում Չհարմահալ գաւառի չորս գիւղերում՝ Վերի Քոնարքում, Սիրաքում, Լիւասեանում ու Մամուքայում, եւ իբրեւ անդրանիկ ուսուցիչներ հրաւիրւում են Համադանից Ասատուր վարժապետը, կովկասահայ Խաչատուր վարժապետը եւ Սարգիս Յովհաննիսեանը։

Աբրահամ Խան Բախտիարի եւ Վարդան (ձախին)

Վերջին երկուսի պաշտօնավարութիւնը Չհարմահալում թէեւ կարճատեւ է եղել, սակայն նրանց թողած ազդեցութիւնը, մասնաւորապէս վերջինի հմայքը խոր ակօս է բացում գաւառի կրթական եւ կուսակցական կեանքում։

Ինչպէս վերը նշուեց, դեռ 1905 թուին ուսուցչական պաշտօնով Կովկասից ուղարկւում է Սարգիս Յովհաննիսեանը։ Վարժապետ Սարգիսը (այսպէս էին կոչում նրան Չհարմահալում) պատկանում էր ըմբոստ խմբին (իմա՝ Դաշնակցական), որին Շուշիի թեմական տեսուչ Բենիկ վարդապետը արտաքսեց 1900 թուականին։ Խմբի անդամներից էին նաեւ միւս Սարգիս Յովհաննիսեանը, հետագայում Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանը, Նիկոլ Պօղոսեանը, Վանի Իշխանը եւ ուրիշ անձնուէր յեղափոխականներ, որոնք Երեւանի թեմական դպրոցն աւարտելուց յետոյ, որպէս յեղափոխական ղեկավար գործիչներ ճակատագրական դեր են կատարել մեր յեղափոխական շարժման մէջ։

Սարգիս Յովհաննիսեանը առաջինն էր, որ Չհարմահալում ցանում է Դաշնակցութեան սերմը, որը հետագային բողբոջում է եւ ժամանակի ընթացքում իր արդիւնքը տալիս։ Նա առաջին անգամ Չհարմահալում կազմակերպում է ներկայացում՝ բեմադրելով «Պարզիր Աղբիւր» երգը եւ զինուած երիտասարդութեանը բեմ դուրս բերելով, բուռն ոգեւորութիւն է առաջացնում դարեր առաջ Բասէնից տեղահանուած ու տարագրուած եւ Չհարմահալում հաստատուած ազատատենչ գիւղացիութեան մէջ։

Կարճ ժամանակ յետոյ կուսակցութիւնը իր թեւերը տարածում է գաւառի համարեայ բոլոր հայաբնակ գիւղերի վրայ եւ լայն տարածում է գտնում մասնաւորապէս պարսկական Սահմանադրական ընդհարումներից յետոյ։ Յայտնի է, որ սահմանադրական շարժումները ծաւալուն գործունէութեան ասպարէզ են բացում դաշնակցական Եփրեմ Խանի հերոսական գործունէութեան համար, իսկ հայ կամաւորական խմբերի հերոսամարտերը ժողովրդի մէջ խանդավառութիւն են առաջացնում եւ խթան հանդիսանում երիտասարդութեան՝ արձանագրուելու Դաշնակցութեան շարքերում։

ՉՀԱՐՄԱՀԱԼՑԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԿՌԻՒՆԵՐՈՒՄ

Պարսկաստանի Մոհամմետ Ալի Շահի գահընկեցութիւնից (1909թ.) յետոյ երկրում,  առաւելաբար

Եփրեմ

հիւսիսային շրջաններում, ծայր են առնում Սահմանադրական ընդհարումներ։ Դաշնակցութեան որոշմամբ, Եփրեմ Խանը մի խումբ ընկերներով՝ Սաթար Խանի, Բաղեր Խանի եւ Սարդար Ասադ Բախտիարու կողքին նետւում է շարժման մէջ։ Հայ կամաւորների հերոսական գործունէութիւնը ժամանակի կառավարութեան մտածել է տալիս աւելի մեծ թուով հայ կամաւորներ ունենալ իր տկարացած բանակում։ Միւս կողմից եւս Եփրեմ Խանը օրըստօրէ սաստկացող բախումների պարագան նկատի առնելով՝ որոշում է խտացնել իր թիկունքը հանդիսացող մարտիկների շարքերը։

Սոյն մտքերի թելադրանքի տակ նա մի հեռագիր է յղում Յովհաննէս Խան Խարախանեանին, որն այդ օրերին Սպահան քաղաքի փոստատան եւ հեռագրատան ընդհանուր վարիչն էր։ Այդ հեռագիրը խորքի մէջ կոչի բնոյթ ունէր եւ կրում էր հետեւեալ բովանդակութիւնը:

Խարախանեանց,

Իսֆահան,

Յուլիս 14, 1911թ.

«Որովհետեւ պարսից կառավարութիւնը մտադիր է երկու հարիւր հեծելազօր ունենալ, հետեւաբար սրանով յայտարարում եմ Չհարմահալի եւ Փերիայի անպսակ երիտասարդներին, որ եթէ ցանկութիւն ունեն զինուորական ծառայութեան մէջ մտնելու, թող ցանկացողները գան (Նոր-Ն.Ե.) æուղա եւ դիմեն ինձ, որ ճանապարհածախս ուղարկեմ Թեհրան գալու. հրացան, ձի եւ բաւարար ռոճիկ կը վճարուի»։

Եփրեմի կոչին վրայ Նոր Ջուղա են շտապում Չհարմահալից տասնչորս եւ Փերիայից չորս երիտասարդներ ու կամաւոր եւ արձանագրուելով՝ ուղեւորւում են հիւսիս ու տեղաւորւում հայ կամաւորական գնդերի մէջ։

Սահմանադրական կռիւների յաղթանակից յետոյ ոմանք հայ կամաւորների հետ անցան Կովկաս եւ մասնակցեցին 1914-18 թուականների Համաշխարհային Ա. պատերազմին։ Ռուս-թրքական ճակատի վրայ մարտնչող կամաւորական գնդերից վերադարձողներից չորսը՝ Նարիմանը, Աւետիսը, Դաւիթ Սազոնցը եւ Մկրտիչ Բաթեան-Պօղոսեանը մտան Բախտիարիի յայտնի Սարդար æանգ Ամիր Մոֆախարի ուժերի մէջ որպէս խմբապետներ։ Նրանց ծառայութիւնը տեւեց երկու տարի։

Հարց է առաջանում, թէ ի՞նչ դեր կամ գործունէութիւն էր վերապահուած կուսակցութեան գաւառում. խնդիրը յաճախ սխալ մեկնաբանութեան է մղել գաւառի ներքին կեանքին անծանօթ մարդկանց, ինչպէս այդ եղաւ հայրենադարձութեան օրերին՝ 1946 թուին ներգաղթի լիազօր ներկայացուցչի կողմից:

Գաւառը իր 300ամեայ կեանքում ենթակայ էր աւատապետական կարգերի կաշկանդումների ու կեղեքումների, եւ բռնի հարկատուութիւնը ծանրացած էր անպաշտպան ու լքուած ժողովրդի ուսերին։

Իշխան Յովսէփ Արղութեան

Հայ յեղափոխական խմորումները եւ ազատագրական շարժումները թափանցեցին գաւառ, յանձինս կովկասահայ դաշնակցական գործիչների, որոնց ռահվիրաներն են համարւում վերոյիշեալ Սարգիս եւ Խաչիկ վարժապետները, որոնք որպէս անվեհեր յեղափոխականներ մեծ համբաւ են ստանում նոյնիսկ Չհարմահալի եւ Բախտիարիի ռամիկ ժողովրդի մէջ։ Կուսակցութեան շարժումը գաւառում ձգտում էր նախ ժողովրդին զգացնել տալ հարկատուութեան եւ խանական ճնշումների ահաւորութիւնը ու նրանց դուրս բերել ճորտային հոգեվիճակից եւ դպրոցներ հիմնելու մասին մտածելով՝ նորահաս սերնդին դնել լուսաւորութեան ճամբի վրայ։

Կուսակցութեան ազդեցութիւնը աւելի է զօրանում 1918 թուականի Մայիս 28ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդից յետոյ։ Ժողովրդի մէջ մեծ խանդավառութիւն է ստեղծւում, երբ լսում են, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Իշխան Յովսէփ Արղութեանը ժամանում է Նոր æուղա 1920 թուականին։ Չհարմահալից բարի գալստեան նամակ է գրւում նրան եւ պատասխան ստացւում, իսկ Ջուղայում բնակուող չհարմահալցի մի քանի երիտասարդներ Արղութեանի ոտքերի առջեւ մի գառ են մատաղ անում։ Նա համբուրում է նրանց ճակատը եւ խոստանում է այցելութեան գնալ Չհարմահալի հայութեանը:

Իշխան Արղութեանի դեսպանութեան առիթով ժողովրդական մի երգ է յօրինւում Չհարմահալում, որից միայն չորս տող է մնացել:

Դու մեր կեանքն ու դու մեր բերկրանքը,

Սուրբ անունդ ազգիս պարծանք,

Դաշնակցութեան փառք ու պարծանք,

Երգով, սազով ճամբիդ եկանք:

Արղութեանի գլխաւոր թիկնապահն էր չհարմահալցի անուանի քաջամարտիկ Աբրահամ Խան Բախտիարին, կուսակցական գործիչ եւ ղեկավար Թադէոս Թադէոսեանը (վախճանուած Նոր æուղայում, 7 Ապրիլի 1975ին), որի յուշերից այստեղ քաղուածաբար մէջ կը բերենք Չհարմահալին վերաբերող մասը։ Նա լաւապէս բնութագրում է կուսակցութեան գործունէութեան որպիսութիւնը եւ դերը Չհարմահալում։

«Գիւղական շրջաններում՝ Չհարմահալում եւ Փերիայում կուսակցական աշխատանքներ կատարելու համար Մեկուսի Կոմիտէն նկատի էր ունենում Պատանեկան- երիտասարդական միութեան անդամներին, որոնք միջնակարգ դպրոցը աւարտել էին եւ պատրաստութիւն ունէին գիւղական դպրոցներում ուսուցչութիւն անելու։

«Չնայած հայկական դպրոցները 1934 թուին սկսել էին փակուել, բայց գիւղական շրջաններում դեռ հրահանգը չէր գործադրւում։ Ուստի, Մեկուսի կոմիտէն 1936 թուի աշնանը Պատանեկան-երիտասարդական միութեան անդամներին ուսուցչական պաշտօնով ուղարկում է Չհարմահալ եւ Փերիա գաւառները։ Փերիայում կուսակցական աշխատանքները ընթանում են դանդաղ, իսկ Չհարմահալում՝ այն աստիճան յաջող, որ ունենում են բաւարար թուով անդամներ եւ 1936 թուի Յունիսին հրաւիրւում է ներկայացուցչական ժողով՝ մասնակցութեամբ Մեկուսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Թադէոս Թադէոսեանի, եւ ընտրւում է Շամբի (Չհարմահալ) անդրանիկ կոմիտէն։ Շամբի կոմիտէութիւնը բաւականաչափ բազմանդամ դառնալով, ինչպէս նաեւ գիւղերի հեռաւորութիւնն էլ դժուարութիւններ յարուցելով՝ բաժանւում է երկու կոմիտէութեան՝ Շամբ եւ Հովիտ։ 1939 թուին գումարւում է երկու կոմիտէների միասնական ներկայացուցչական ժողով, որին մասնակցել է Մեկուսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Թադէոս Թադէոսեանը եւ զեկուցել ՀՅ Դաշնակցութեան ԺԴ. Ընդհանուր ժողովի որոշումների ու աշխատանքների մասին։

Ներկայացուցչական ժողովը բարձր գնահատանք է արձանագրում զոյգ կոմիտէների բարոյական ու նիւթական գործունէութեան վերաբերեալ։ Պատերազմի ընթացքում (1939-45թթ.) ընտրովի մարմիններին փոխարինում են նշանակովի մարմիններ, ապա յաջորդում է ներգաղթը 1946 թուին։ Այսպիսով, աստիճանաբար թուլանում եւ ի վերջոյ քայքայւում է Չհարմահալի պանծալի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը։

Եզրափակելով մեր խօսքը՝ մենք յանգում ենք այն համոզման, որ իր ձգտումների մէջ Կուսակցութեանը դրական դեր էր վիճակուել գաւառահայ կեանքում՝ գիւղական ազգային-հասարակական գործերում գտնուելով առաջին շարքերում։

Կուսակցութիւնը չարքաշ ժողովրդին նկարագրով ու անհատականութեամբ զօրացրեց, եւ աւելի քան գաղափարախօսական ուսուցումը իր կենտրոնաձիգ գործունէութեան առանցքը դպրոցն ու նոր սերնդի դաստիարակութիւնը դարձրեց։ Քաղաքական գործօն մարմին լինելուց առաջ, Սարգիս վարժապետի նման կուսակցական դէմքերի ցանկութիւնն էր, որ լուսաւորուած գաւառացի հայը իր ուսերից թօթափի դարերի խաւարը եւ լուսաւոր աշխարհի լուսաւոր գաղափարներով ողողի իր հասակ առնող զաւակի հոգին։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը Չհարմահալ գաւառում խթան հանդիսացաւ կրթական, մշակութային եւ ընկերային կեանքի զարգացման, որի շնորհիւ գաւառի հայ ազգաբնակչութիւնը սկսեց զարթօնք ապրել 20րդ դարի առաջին կէսի ընթացքում։

Փառք ու պատիւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան։

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- «Վերծանումներ»
ՎԵՐԾԱՆՈՂ՝ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Գրական կարգ մը գործերու կամ ժապաւէններու հեղինակներ երբեմն գործի սկզբնաւորութեան կը թողուն

մօտաւորապէս հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Այս գործին մէջ երեւցող տիպարները կապ չունին իրական կեանքի մարդոց հետ, որեւէ նմանութիւն պատահականութիւն է»։

Ծանօթ հրապարակագիր, գրող ու գրականագէտ Պօղոս Սնապեան իր սեղանին դրած է զգուշացնող նման յանձնարարութենէ զուրկ հինգ գիրքեր, որոնց հեղինակները որոշ անուանափոխումներով, սկզբնատառերով կամ գաղտագրական միջոցներու դիմելով՝ ներկայացուցած են իրենց տիպարները, հետեւաբար, Սնապեան լծուած է քօղարկուած անձերու ինքնութեանց որոնման ու յայտնաբերման, այդ տիպարներուն գաղտնիքները ի յայտ բերելու՝ վերծանելու աշխատանքին։ Վերծանումի աշխատանքը երբեմն ընթացած է դիւրին, սակայն նաեւ վերծանողը հանդիպած է դժուարութիւններու եւ հազուադէպօրէն կը խոստովանի, թէ կարգ մը տիպարներու ինքնութիւնը չէ կրցած ի յայտ բերել։

Խօսինք քիչ մը մանրամասն, որպէսզի այս տողերն ալ վերծանումի կարօտ չդառնան…

«Վերծանումներ» հատորը, որ լոյս տեսաւ 2011ի վերջերուն, հետախուզական, պեղումի աշխատանքի արդիւնք է։ Խնդրոյ առարկայ հինգ գործերն են Զապէլ Եսայեանի «Կեղծ Հանճարներ»ը, Յակոբ Օշականի «Սահակ Պարթեւեան»ը, Կոստան Զարեանի «Անցորդը եւ Իր Ճամբան», Եղիշէ Չարենցի «Գիրք Ճանապարհի»ի «Մահուան Տեսիլ» բաժինը եւ Գուրգէն Մահարիի «Ծաղկած Փշալարեր»ը։

Եզակի աշխատութիւն է «Վերծանումներ»ը, որ ընթերցողը քայլ առ քայլ կ՛առաջնորդէ յիշեալ հատորներուն կամ բանաստեղծական հատուածին քօղարկուած ծալքերը բանալու եւ «կեղծանուններով» ներկայացուած տիպարները լոյսին բերելու։

Եսայեանի ու Օշականի հատորները նմանութեան եզրեր ունին իրարու եւ Զարեանի հատորին հետ, այն առումով, որ անոնք հիւսուած են ԺԹ. եւ Ի. դարու մեր շարք մը գրողներուն, արուեստագէտներուն ու հասարակական կեանքի անդաստաններուն մէջ գործած, անուն շահած անձերու շուրջ։ Յիշելու համար միայն քանի մը անուն՝ ընթերցողը հոն պիտի հանդիպի Սիամանթոյին, Վահրամ Փափազեանին, Սուրէն Պարթեւեանին, Արշակ Չօպանեանին, Շիրվանզադէին, Թէքէեանին, Օտեանին, Կառվարենցին, Շահխաթունիին եւ դեռ՝ բազմաթիւ ուրիշներու։ Յիշեալ հատորներուն հեղինակները, ըստ իրենց դատողութեան, հայեցակէտերուն ու գնահատականներուն, տիպարացուցած են յիշեալ ու նման դէմքեր, որոնց վերծանումը ընթերցողը կրնայ մատնել հիասթափութեան կամ իր կարգ մը տպաւորութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու։ Նշենք նաեւ, որ բոլոր հատորներուն մէջ ալ, «ներգրաւուած» են միջազգային համբաւ ունեցող դէմքեր, յատկապէս Մահարիի գործին մէջ կը տողանցեն հայ թէ ոչ հայ տխրահռչակ դէմքեր, որոնց ճակատին խարանուած է… ստալինականութիւն։

Պ. Սնապեան ինք ալ կրաւորական չէ վերծանուած դէմքերուն հանդէպ. ընթերցողը ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը մղուի հատորներուն հեղինակներուն մասին որոշ կարծիք կազմելու՝ համաձայն վերծանողի դատողութեանց (որոնք աննախընթաց կամ նորութիւն չեն, յամենայնդէպս, որովհետեւ Սնապեան գրականագէտի վաստակին ծանօթ ընթերցողի ուշադրութենէն չի վրիպիր, օրինակի համար, Օշականի հանդէպ խոր յարգանք ու համարում, իսկ Զարեանի նկարագրային գիծերուն մասին մտրակահարողի մօտեցում)։

Վերծանումը կատարուած է էջ առ էջ ընթացքով, այսինքն՝ խնդրոյ առարկայ հատորներուն մէջ նկատի առնուած էջերուն յիշատակումով ու վէպերուն-գրութեանց յաջորդականութեան հետեւելով։ Պ. Սնապեան հատորը կազմած է տեղին բացատրութիւններով, մերթ խորազնին, յաճախ հպանցիկ մեկնաբանութիւններով եւ, նոյնքան ուշագրաւ՝ նշուած անձնաւորութեանց լուսանկարներուն ընկերակցութեամբ։ Միայն Չարենցի գործին պարագային է որ ան հրաժարած է բացատրականներէ, ու բաւականացած՝ լուսանկարներ ընկերացնելով բանաստեղծութեան լուսանցքներուն։

Վերոյիշեալ նշումները կը կազմեն հատորին արժէքին ու արժանիքներուն մէկ «յարկը» միայն։ Ընթերցողը Պ. Սնապեանի բացատրութեանց հետեւելով, լայն ծանօթութիւններ կը քաղէ հատորներուն հեղինակները յուզող հարցերու մասին, գրականագիտութեան ուսանողին հետաքրքրութիւնները գոհացնող լուսաբանութիւններով։ Այս առումով ալ, հատորը ունի գրականագիտական արժէք։

Եթէ քիչ մը աւելի խորանանք Զարեանի, Չարենցի ու Մահարիի գործերու ծալքերուն մէջ, հոն արդէն կը բացայայտուի քաղաքական երակ մը՝ Խորհրդային Հայաստանի համայնավարացումէն ետք մեր ժողովուրդին, հետեւաբար նաեւ գրողներուն-մտաւորականներուն պարտադրուած ծանօթ պայմանները։ Իբրեւ համայնավար հռչակ շահած Չարենցի տողերուն մէջ ի յայտ կու գան դաշնակցական տիպարներ ու անոնց հանդէպ խոր յարգանքի արտայայտութիւններ, որոնց գինը օր մը վճարեց բանաստեղծը՝ իբրեւ ազգայնական ու «հինցած զգացումներու պաշտպան»՝ մահուան առաջնորդուելով նոյնինքն համայնավար բորենիներու կողմէ (այս մասին Սնապեանի բացայայտումները աննախընթաց չեն, ու ձեւով մը կը բացատրեն, թէ հեղինակը ինչո՛ւ նախընտրած է յաւելեալ բացատրութիւններ չտալ)։ Պ. Սնապեան անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերէ Զարեան մարդուն նկարագիրի յարափոփոխ գիծերը, նա՛եւ նոյն այդ վարչակարգին թողած ազդեցութեանց հետեւանքով։ Մահարիի պարագային եւս, Սնապեանի ոսպնեակը կը բանի համայնավարներու ոճրային վարմունքին բացայայտման մղումով, յիշեցնելով հեղինակին նախորդ մէկ գործին՝ «Երկու Սպանդ»ին մթնոլորտը (ուր Պ. Սնապեան անդրադարձած էր Ցեղասպանին ու Ստալինականութեան խլած հսկայական զոհերուն, բայց մանաւանդ երկրորդին ապազգայնացնող, հայը հայուն թշնամի դարձնող ծանօթ իրադարձութեանց)։ Հոս եւս, Պ. Սնապեանի քննադատութիւնը անողոք է ու արդար. ընթերցողը անուղղակիօրէն կը մղուի խորհրդածելու, թէ այդ «դարաշրջանէն» որոշ հետքեր ցայսօր կը յամենան մեր հաւաքական կեանքին մէջ, Հայաստանի մէջ, մրուրներ՝ որոնցմէ պէտք է մաքրազտուիլ անպայմանօրէն…

«Վերծանումներ»ը խմբագրուած է յիշեալ հատորներուն ընթերցումը դիւրացնելու, սակայն ոչ՝ անոնց ընթերցումը խնայելու մօտեցումով։ Մենք ալ պիտի բաւականանանք այս բացատրականով, որպէսզի ձայնակցինք Պ. Սնապեանի լուռ հրաւէրին, որ թելադրանք է ընթերցելու յիշեալ գործերը։ Ընթերցողին միակ դժուարութիւնը պիտի ըլլայ… գտնել Եսայեանի հատորը։ Միւսները մատչելի են՝ արժանացած ըլլալով վերահրատարակութիւններու։

Ռազմական Եւ Մի Շարք Այլ Հարցերի Մասին
ԽԱՉԻԿ ՄԵԼԵՔԵԱՆ

Չինաստանը աստիճանաբար է ի յայտ բերում իր հզօրութիւնը ռազմական բնագաւառում:աչ Այդպէս էլ սպասւում էր, տնտեսական հզօրութիւնը պարտադիր կերպով պիտի դառնար ռազմաքաղաքական բռունցք, եւ դրա ապացոյցը վերջին մի քանի իրադարձութիւններն էին, որ հնարաւոր է ոմանց ուշադրութիւնից դուրս մնացած լինէին:

Միացեալ Նահանգների ռազմական հզօր ներկայութեան երաշխիքը պիտի հանդիսանար æերալդ Ր. Ֆորդ անուանումը կրող միջուկային ռազմանաւը, որ կառուցման ընթացքում է այս օրերին Վիրջինիայում: Համաձայն տուեալների, այս հսկան կարող է կրել աւելի քան 4500 մարդուց բաղկացած անձնակազմ, ինչպէս նաեւ մեծ քանակով զէնք, զինամթերք, եւ բազմաթիւ ռազմական օդանաւեր: Սակայն ինչպէս ասում են յաճախ, Շաբաթն Ուրբաթից շուտ եկաւ:

Չինաստանի իշխանութիւնները յայտարարել են, թէ տիրապետում են ռազմական այնպիսի մի տեխնիկայի, որն հնարաւորութիւն ունի ակնթարթօրէն ոչնչացնել իր ջրերում լողացող ցանկացած նաւի: Բնականաբար, սա անհանգստացնում է ամերիկեան իշխանութիւններին եւ հարց է բարձրացնում, թէ որքանով է նպատակայարմար միլիարդաւոր դոլարների ներդրումներ իրականացնել, եթէ դա մէկ ակնթարթում յօդս կարող է ցնդել: Չինաստանի բարձրաստիճան շրջանակները չեն թաքցնում, թէ նպատակ ունեն որքա՛ն հնարաւոր է՝ հեռու մղել ամերիկեան ներկայութիւնը իրենց ափերից: Մասնագէտները նշում են, թէ ամերիկացիք բացայայտ հակաքարոզչութիւն չեն անում այնպէս, ինչպէս անում էին Խորհրդային Միութեան պարագայում:

Ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան մի պաշտօնեայ իր Չինաստան կատարած մի այցելութեան ընթացքում յայտարարել է, թէ Չինաստանին որպէս ոսոխ չի համարում: Սակայն ամերիկեան ռազմական շրջանակներում զգուշօրէն խօսում են Խաղաղ Ովկիանոսեան հնարաւոր ռազմական գործողութիւնների մասին, առանց անուններ նշելու:

Չինական նորաստեղծ DF-21D հրթիռները, ասում են, ի վիճակի են թռչել այնպիսի բարձրութեան եւ անկեան տակ, որ ամերիկեան հրթիռային կայանները ի վիճակի չեն լինի տեղակայել եւ վնասազերծել նրանց: Միակ հնարաւոր կանխարգելումը ամերիկեան անմարդ ինքնաթիռներն են, սակայն սրանց հնարաւոր հակազդեցութիւնը կարող է աւելի կործանիչ հետեւանքների տանել: Խօսում են, թէ մեծածաւալ ռազմական գործողութիւնները պայմանաւորուած կը լինեն նրանով, թէ ո՛վ առաջինը կը կարողանայ շարքից դուրս հանել հակառակորդի համակարգչային կապերը: Տեսնո՞ւմ էք, թէ ո՛ւր ենք գնում:

Այսօր աւելի քան երբեւէ խօսում են Խաղաղովկիանոսեան հակամարտութիւնների գօտու ընդլայնման մասին: Նախկինում միայն Թայուանի խնդիրն էր, հիմա դրան աւելացել են եւս մի քանիսը՝ հակամարտութեան կիզակէտին է հասել չին-ճապոնական վէճը տարածքային կղզիների կապակցութեամբ. Հարաւչինական ծովում առկայ նաւթի հսկայական պաշարների վրայ աչք են տնկել Չինաստանը, Վիետնամը, Ֆիլիպինները: Նախկինում նմանօրինակ վիճաբանութիւնները սանձւում էին չհասած կիզակէտին, երբ ամերիկեան ռազմանաւերի մի հզօր բանակ ընդամէնը ուղղւում էր հակամարտութեան գօտի: Այսօր Չինաստանին վախեցնելը դժուար է, քանի որ նա իր զինանոցում ունի հզօր ռազմական սուզանաւերի մի խումբ, որոնք ի վիճակի են յաջողութեամբ դիմադրել ամերիկեան ռազմանաւերին: Չինաստանն ինքը բացայայտ հակամարտութեան չի գնում դեռեւս, սակայն տարէցտարի այս պետութեան՝ միջազգային ատեաններում ցոյց տուած վերաբերմունքը գնալով կարծրանում է: Ամերիկեան ընդհանուր նախահաշուի կրճատումը անխուսափելիօրէն պէտք է ազդէր ռազմական հզօրութեան վրայ՝ մասնաւորապէս հարկ է նշել նախագահ Օբամայի վերջերս ստորագրած օրինագիծը, ռազմական նախահաշուի կրճատման վերաբերեալ: Խօսւում է նոր մարտավարութեան մասին, իբր թէ միաժամանակ 2 խոշոր պատերազմ վարելու աննպատակայարմարութեան մասին. քչերն են բացայայտօրէն ասում, թէ միջոցներն այլեւս չեն բաւականացնում:

Առաջիկայ 10 տարիների ընթացքում ռազմական ծախսերը պիտի կրճատուեն առնուազն 487 մլրդ. տոլարով, եւ խօսում են այսպէս կոչուած՝ մէկ պատերազմ մղելու ռազմավարութեան մասին, իբր թէ 2րդը հակառակորդի մարտունակութեան զգալի նուազեցման ուղղութիւն պէտք է ունենայ: Բանակը պիտի կրճատուի 80 հազար զինուորով՝ հասնելով 490 հազարի, իսկ նաւատորմի ծառայողների թիւը պիտի կազմի 175 հազար նաւաստի՝ 202 հազարի դիմաց:

Վերադառնալով մեր նախկին նիւթին՝ նշեմ, թէ հանգստի անցած մի հրամանատար վերջերս յայտարարել է, թէ իմաստ չունի նոր ռազմանաւի վրայ միլիարդներ ծախսել, եթէ Չինաստանը դրա դէմն առնելու համեմատաբար էժան միջոց է գտել: Որոշ կանխատեսումների համաձայն, առաջիկայ տասնամեակի ընթացքում Չինաստանը տիեզերական իր նկրտումներով առաջ է անցնելու բոլոր երկրներից, եւ այս հանգամանքը շատերի անհանգստութեան առիթ է դարձել:

Այժմ, սովորութեան համաձայն, հետաքրքրասէրներին կը ներկայացնենք մի քանի հակիրճ տուեալներ.

Rolls-Royce Motor Cars Ltd ընկերութիւնից յայտարարել են, թէ անցեալ տարուայ ընթացքում Չինաստանում վաճառել են աւելի շատ թանկարժէք մեքենայ, քան այլուր, սակայն յոյս ունեն, թէ 2012ին ամերիկացիների գնումները կը գերազանցեն չինացիների ցուցանիշը: Հետաքրքրասէրի համար նշեմ, թէ այսօր Rolls-Royce ինքնաշարժների ամենամեծ կենտրոնացումը Հոնկ Կոնգում է, որին հետեւում են Բեւերլի Հիլզն ու Սինգապուրը: Ինքնաշարժի ամենաթանկարժէք տեսակը գնելու համար առնուազն 6 ամսուայ հերթագրում պէտք է ունենաք:

Երեքշաբթի օրը հրապարակուած մի տուեալի համաձայն, իտալական մաֆիայի ձեռքում այս օրերին աւելի շատ կանխիկ դրամ կայ, քան տեղական դրամատներում, որոնց տրամադրութեան տակ գտնուող կանխիկ գումարը կազմում է աւելի քան 65 մլրդ. եուրօ, իսկ իտալական տնտեսութեան մէջ ունեցած իր ներկայութիւնից մաֆիան աւելի քան 100 մլրդ. եուրոյի տարեկան եկամուտ ունի:

Եղունգ
Պատրաստեց՝

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Եղունգը կը ծածկէ ոտքի եւ ձեռքի մատներուն ծայրամասի ոսկրիկները (phalanx): Անոր կազմաւորումը շարունակական է մինչեւ անհատին մահը: Եղունգը իր կազմաւորման եւ աճման հետեւանքով որոշ չափով կ՛երկարի եւ կը ստանայ ձեւ ու տեսք:

Ձեռքի մատներու եղունգները աւելի արագ կ՛աճին քան ոտքի մատներու եղունգները: Եղունգի աճը պայմանաւորուած է անհատի տարիքէն, սեռէն, տարուան եղանակէն, սնունդէն, մարզանքէն եւ ժառանգականութենէն: Եղունգներու աճը կ՛աշխուժանայ ամրան եղանակին եւ առաւելաբար անչափահասներու մօտ: Ան կ՛աճի մօտաւորապէս 3 մմ. ամէն ամիս: Մատի եղունգի ամբողջական աճը կը տեւէ 3-6 ամիս, իսկ ոտքի մատներունը՝ 12-18 ամիս:

Եղունգը կազմուած է հետեւեալ բաժիններէն.

Ա. Եղունգի արմատ՝ եղնգաբուն (nail root, matrix)

Բ. Եղնգամարմին՝ բուն եղունգ (nail body, plate)

Գ. Եղնգամահիճ (nail bed)

Դ. Եղունգի լուսնակ (nail lunula)

Եղնգաբունը կամ եղունգի արմատը եղջերային կազմուածքով (keratogenic) թաղանթ մըն է, որ կը գտնուի մատի մորթին վերջաւորութեան տակը: Անկէ կը ծնին եղջերանիւթէ (keratin) կազմուած եղնգամարմինի բջիջները: Այս բջիջները կը քալեն դէպի առջեւ՝ կազմելու համար եղնգամարմինը: Եղնգաբունին մեծ մասը անտեսանելի է: Անոր յառաջամասի պզտիկ մէկ բաժինը միայն տեսանելի է, որ կը յայտնուի ճերմակ կէս լուսնի ձեւով եւ կը կոչուի լուսնակ: Բոլոր մատներուն եղունգները կը յայտնուին լուսնակով, բացի ճկոյտ մատի եղունգէն: Բթամատի եղունգին լուսնակը ամէնէն խոշորն է: Եղնգաբունը կ՛ապրի այնքա՛ն ատեն որ անիկա սնունդ կը ստանայ եւ կը մնայ առողջ վիճակի մէջ:

Եղնգամարմինը կազմուած է եղջերանիւթէ եւ եղունգի տեսանելի բաժինն է: Անիկա կը հանգչի եղնգամահիճին վրայ, ուր կը գտնուի մատի մորթին ծայրամասը: Ուրեմն մահիճը կազմուած է մորթի երկու խաւերէն՝ ենթամորթ (dermis) եւ վերնամորթ (epidermis): Ենթամորթը բակած է մատի վերջին ոսկրիկին եւ հարուստ է ջղաթելերով (nerve endings), աւշաթելանօթներով (lymph vessels) ու արեան թելանօթներով (capillaries), որոնք եղնգամարմինին կու տան վարդագոյն տեսք:

Եղնգամարմինը կարծր եւ ողորկ է: Անիկա կրնայ ըլլալ տափակ, կոր-կամարաձեւ (convex) կամ փոսաւոր (concave) զանազան հիւանդութիւններու պատճառով: Անոր հաստութիւնը եւ լայնքը կախեալ է եղնգաբունի չափէն, այսինքն՝ մեծութենէն եւ հաստութենէն:

Եղունգը ունի կարգ մը դերակատարութիւններ.

ա. Կը պաշտպանէ մատներու ծայրամասի ոսկրիկները.

բ. Կը գործածուի որպէս գործիք՝ բռնելու համար մանր առարկաներ.

գ. Կը ծառայէ մարմինի մակերեսը-մորթը քերելու.

դ. Կու տայ վայելչութիւն ոտքի եւ ձեռքի մատներուն.

Եղունգի առողջութիւնը որոշ չափով կը ցոլացնէ անհատին առողջութիւնը: Բոլորս մեծ ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերենք մեր եղունգներու առողջութեան:

Եղունգները առողջ կը մնան՝

ա. Առողջ սննդականոնի հետեւելով. բնասպիտները (protein), երկաթը եւ կիրը խիստ կարեւոր են.

բ. Պէտք եղած հիմնական կենսանիւթերը գործածելով, մանաւանդ՝ A, D եւ B-12 կենսանիւթերը.

գ. Հանգիստ կօշիկ եւ մաքուր գուլպայ հագնելով.

դ. Շաքարախտէ եւ սրտանօթային հիւանդութիւններէ զերծ մնալով.

է. Եղունգը հարուածներէ եւ վնասներէ պաշտպանելով.

զ. Ոտքի եւ ձեռքի մատներու առողջութեան հետեւելով.

Եղունգը յաճախ կը կորսնցնէ իր առողջ վիճակը եւ կը յայտնուի զանազան հիւանդութիւններով ու անբնական երեւոյթներով, որոնք կը յայտնուին եղնգային զանազան ախտանշաններով.

ա. Գոյնի ախտանշաններ՝ ճերմակ բիծեր, տժգնութիւն, կապտութիւն, կարմրութիւն, դեղնութիւն.

բ. Հիւսուածքի եւ տեսքի ախտանշաններ՝ հաստութիւն, բարակութիւն, կոշտութիւն, կարծրութիւն, կակուղութիւն, դիւրաբեկութիւն, ակօսութիւն, ճեղք.

գ. Ձեւի ախտանշաններ՝ գնդակաձեւ (clubbing), կոր, փոսիկանման, դգալանման (spoon shaped).

դ. Բորբոքում

է. Թարախակոյտ (abscess)

զ. Արիւնակոյտ (hematoma)

Եղունգի հիւանդութիւններն ու անբնական երեւոյթներն են՝

Ա. Այլանդակ եւ տձեւ երեւոյթներ (deformities)

Այս այլանդակ երեւոյթները կը յառաջանան հետեւեալ պատճառներով.

ա. Ծինային (genetic) անբնական կազմաւորում.

Այս պարագային այլանդակ երեւոյթը կը յայտնուի ի ծնէ եւ կ՛ըլլայ ընդոծին (congenital).

բ. Հարուած-վնաս (trauma).

Մատներու եղունգները կրնան վնասուիլ ուղղակի կամ անուղղակի հարուածով: Ծանր առարկայի մը իյնալը ոտքին վրայ, եղունգին ուղղակի վնաս կը հասցնէ: Նեղ կօշիկ հագնելով՝ անուղղակի հարուած կը հասցնենք եղունգին: Եղունգի հարուած-վնասը կը յառաջացնէ եղունգի զանազան անբնական երեւոյթներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ ճերմակ կէտաւորում, կապտութիւն, եղունգի ճեղք եւ կոտրտուք, աւելորդ նոր եղունգի աճ, շրջա-եղնգային եւ ենթա-եղնգային արիւնահոսութիւն եւ բորբոքում: Ենթա-եղնգային արիւնահոսութեամբ, անհատը կ՛ունենայ ուժգին ցաւ, որ կ՛անհետանայ ծակելով եղունգը եւ կուտակուած արիւնը արտահանելով: Կուտակուած արիւնը չարտահանելու պարագային, եղունգը կը մահանայ ու կ՛իյնա՛յ:

գ. Սնկային (fungal) հիւանդութիւններ.

դ. Մորթային հիւանդութիւններ.

է. Մարմնական հիւանդութիւններ, օրինակի համար՝ շաքարախտ եւ սրտանօթային (cardiovascular) հիւանդութիւններ, որոնց պատճառով մատներու եւ եղունգներու արեան շրջագայութիւնը կը նուազի եւ տեղի կ՛ունենան զանազան անբնական երեւոյթներ.

զ. Կարգ մը դեղերու գործածութիւնը, ինչպէս օրինակ Tetyracycline-ի գործածութեամբ, եղունգի մարմինը կրնայ բաժնուիլ իր մահիճէն.

է. Տարեցութիւն, որուն հետեւանքով, եղունգին վրայ կը յայտնուին հորիզոնական խորունկ ակօսներ.

ը. Յոռի սննդառութիւն, մասնաւորապէս՝ բնասպիտի, կիրի եւ երկաթի նուազ սպառում: Բնասպիտի անբաւարարութեամբ, եղունգը կ՛ունենայ ճերմակ բիծեր, իսկ երկաթի պարագային՝ եղունգը կ՛ունենայ մակերեսային դգալանման փոսիկ:

թ. A, D եւ B-12 կենսանիւթերու անբաւարարութիւն.

A եւ D կենսանիւթերու անբաւարարութեամբ տեղի կ՛ունենայ եղունգի չորութիւն եւ ճեղքռտուք. իսկ B-12 սննդանիւթի պարագային՝ եղունգը կը դառնայ թուխ եւ չոր:

Բ. Բորբոքումներ

Եղունգի բորբոքումներուն մեծամասնութիւնը սնկային են (fungal), սակայն կրնան տեսնուիլ նաեւ ցպկային (bacterial) եւ ժահրային (viral) բորբոքումներ: Եղունգի սնկաքարութիւնը (onychomycosis) սնկային բորբոքում մըն է, որ կը յառաջանայ մարմնական սնկային բորբոքումներու եւ տարեցութեան պատճառով: Ժողովուրդին 10 առ հարիւրը կ՛ունենայ այս բորբոքումը: Ան առաւելաբար կը պատահի տղամարդոց մօտ, ոտքի մատներու եղունգներուն վրայ: Եղունգի սնկաքարութեան կարեւոր ախտանիշ է եղունգի ճերմկութիւնը կամ դեղնութիւնը: Այս բորբոքումը կանխարգիլելի է, պարզապէս՝ ուշադրութիւն դարձնելով հետեւեալ ցուցմունքներուն.

ա. Եղունգները կարճ բայց չափաւոր կտրել.

բ. Ոտքի մատները լաւ չորցնել լոգանքէ ետք եւ հակասնկային փոշի գործածել մատներուն միջեւ.

գ. Հին եւ նեղ կօշիկ չհագնիլ, որովհետեւ նեղ կօշիկներուն մէջ սունկերու բեղմնիկները (spores) բոյն դրած կրնան ըլլալ.

Գ. Եղունգի շրջաբորբ (paronychia)

Ասիկա եղունգի շուրջը պատահած սուր եւ ցպկային բորբոքում է: Եղունգի շրջաբորբը կը պատահի ընդհանրապէս՝

ա. Այն անձերուն մօտ, որոնք կը կրծեն իրենց ձեռքերու մատները եւ եղունգները.

բ. Ոտքի մատներու եղունգի մխրճում (ingrowing toe-nail) ունեցողներու մօտ.

գ. Շաքարախտէ տառապողներու մօտ.

դ. Ծայրամասային զարկերակային խցում (peripheral vascular obstruction) ունեցողներու մօտ.

է. Նեղ կօշիկներով երկարատեւ մարզանք ընողներու մօտ.

Շրջաբորբը շուտով կրնայ վերածուիլ թարախակոյտի. եղունգի շրջաբորբի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հակացպկային դեղերով, թարախակոյտը բանալով եւ թարախը արտահանելով:

Դ. Մխրճուած եղունգ

Մխրճուած եղունգի ախտապատճառներն են՝

ա. Նեղ եւ անհանգիստ կօշիկի գործածութիւն.

բ. Ընդոծին անբնական եղունգի գոյութիւն.

գ. Տարեցութիւն, անշարժութիւն եւ նստակեաց կեանք.

դ. Յղութեան շրջանին ոտքի մատներու ուռեցք.

է. Մարմնական ընդհանուր ջրուռեցք (edema).

զ. Եղունգի մնայուն-երկարատեւ բորբոքում.

Այս հիւանդութեան պարագային, եղունգը կը մխրճուի շրջապատի մորթին եւ մկաններուն մէջ, ու կը յառաջանայ բորբոքում եւ նոյնիսկ՝ թարախակոյտ: Անհատը կ՛ունենայ հետեւեալ ախտանշանները՝ զօրաւոր ցաւ, կարմրութիւն, ուռեցք եւ ջերմութիւն: Մխրճուած եղունգը կը դարմանուի հակացպկային դեղերով եւ վիրաբուժական գործողութեամբ:

Է. Եղունգներու անբնական գունաւորում

Այս մէկը կը յառաջանայ՝

ա. Կարգ մը դեղերու գործածութեամբ եւ դարմանական միջոցներով, օրինակ՝ հակամալարիայի դեղերով, Tetracycline-ով եւ քաղցկեղի քիմիական դարմանումով (chemotherapy).

բ. Մարմնական զանազան հիւանդութիւններու հետեւանքով.

- Արեան կարմիր գնդիկներու բազմացում (polycythemia), որուն հետեւանքով եղունգը կ՛ունենայ կապտախտի (cyanosis) երեւոյթ:

- Սրտանօթային հիւանդութիւններ, երբ տեղի կ՛ունենայ արեան ծայրամասային շրջանառութիւն եւ արեան նուազում: Այս բոլորին հետեւանքով, եղունգները կը ստանան մանիշակագոյն կամ կապոյտ գոյն:

գ. Սնկաքարութիւն, որ կը յառաջացնէ ճերմակ կամ դեղին գոյն.

դ. Եղունգին ուղղակի կամ անուղղակի վնաս-հարուածը, որ կը յառաջացնէ կապտութիւն եւ ճերմակ կէտաւորում.

է. Սնունդին մէջ բնասպիտի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ ճերմակ բիծեր.

զ. B-12 կենսանիւթի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ թուխ գոյն:

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ
Պատրաստեց՝ ՎԱՀԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Հայաստանի շախմատի կանանց 67րդ առաջնութեան բարձրագոյն խմբի մրցաշարում, որի մեկնարկը տրուեց Յունուարի 11ին, առաջին անգամ մասնակցում են ռուսաստանցի Մարիա Կուրսովան, ով ամուսնացել է Արման Փաշիկեանի հետ, եւ ուկրաինահայ Եւգենիա Դոլուխանովան: Երկուսն էլ միջազգային մրցումներում, FIDE-ի համաձայնութեամբ, կը ներկայացնեն Հայաստանի շախմատի ֆեդերացիան:

Առաջին տուրում (փուլ-Խմբ.) գրանցուեցին հետեւեալ արդիւնքները՝

Մարիա Կուրսովա – Նարինէ Գասպարեան 1:0

Նելլի Աղինեան – Յասմիկ Ղամբարեան 1:0

Մարիա Գէորգեան – Լիա Մարտիրոսեան 0:1

Լիանա Աղաբեկեան – Շուշան Սարգսեան 1:0

Նաիրա Մովսիսեան – Աննա Հայրապետեան 0:1

Անահիտ Խարատեան – Եւգենեա Դոլուխանովա 1/2-1/2

Ձեզ ենք ներկայացնում Հայաստանի  շախմատի տղամարդկանց առաջնութեան երկրորդ տուրի արդիւնքները՝

Զաւէն Անդրիասեան  – Կարէն Հ. Գրիգորեան 1:0

Լեւոն Բաբուջեան  -  Արտաշէս Մինասեան 0:1

Հրանտ Մելքումեան -  Ռոբերտ Յովհաննիսեան 1:0

Տիգրան Լ. Պետրոսեան -  Աւետիք Գրիգորեան 1:0

Հրայր Սիմոնեան – Սամուէլ Տէր-Սահակեան 1/2-1/2

Տուրում ազատ էր  գրոսմայստեր Արման Փաշիկեանը:

Երկրորդ տուրից յետոյ առաջնութիւնը 2 միաւորով միանձնեայ գլխաւորում է փորձառու Արտաշէս Մինասեանը:

Իսկ կանանց առաջնութեան երկրորդ տուրում գրանցուեցին հետեւեալ  արդիւնքները՝

Նարինէ Գասպարեան – Եւգենեա Դոլուխանովա 1/2-1/2

Աննա Հայրապետեան – Անահիտ Խառատեան 1/2-1/2

Շուշան Սարգսեան  -  Նաիրա Մովսիսեան 1:0

Լիա Մարտիրոսեա ն -  Լիանա Աղաբեկեան 1/2-1/2

Յասմիկ Ղամբարեան  -  Մարիայ Գէորգեան 1:0

Մարիա Կուրսովա – Նելլի Աղինեան 1:0

NBA-ի առաջնութիւնում Լոս Անջելեսի «Lakers»ը Եուտայում դժուարին յաղթանակ տարաւ տեղի «æազմենների» նկատմամբ: Դրամատիկ պայքարում միայն լրացուցիչ 5 րոպէի ընթացքում յաջողուեց Էնդրիւ Բայնոմի եւ Քոբի Բրայանտի ջանքերով առաջ անցնել հակառակորդից: Քոբի Բրայանտը դարձեալ փայլեց, հաւաքելով 40 միաւոր: Նախորդ օրը նա հաւաքել էր 48 միւոր:

Իսկ «Clippers»ը հանդիպեց Մայամիի «Heat» ակումբի հետ: Միաւոր միաւորի յետեւից հաւաքելով, հաւասար հաշուի դէպքում, եւ դարձեալ լրացուցիչ ժամանակում, ի վերջոյ 95:89 հաշուով յաղթանակ տարաւ Լոս Անջելեսի «Clippers»ը:

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ
Պատրաստեց՝ ՎԱՀԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

- Ցիւրիխում անցկացուաց «Ոսկէ գնդակ»ի յանձնման արարողութեան ժամանակ որոշուեց աշխարհի

խորհրդանշանական հաւաքականի կազմը, որտեղ ընդգրկուեցին 3 ակումբների հետեւեալ ֆուտբոլիստները.

Դարպասապահ՝  Կասիլեաս («Ռէալ»), պաշտպաններ՝ Ալուես, Պիկէ («Բարսելոնա»), Վիդիչ («Մանչեստր Եունայթեդ»), Ռամոս («Ռէալ»), կիսապաշտպաններ՝ Ինեստա, Չաւի («Բարսելոնա»), Ալոնսօ («Ռէալ»), յարձակուողներ՝ Ռոնալդօ («Ռէալ»), Ռունի («Մանչեստր Եունայթեդ»), Մեսսի (« Բարսելոնա»):

- Խօսեպ Գվարդիոլան ՖԻՖԱի կողմից ճանաչուեց որպէս տարուայ լաւագոյն մարզիչ: Նրա գլխաւորութեամբ «Բարսելոնա» 2011թ. յաղթել է  Չեմպիոնների լիգայում, Իսպանիայի առաջնութիւնում, Իսպանիայի «սուպեր» գաւաթում, Եւրոպայի «սուպեր» գաւաթում եւ ակումբների աշխարհի առաջնութիւնում:

- Ֆերենց Պուշկաշի անուան լաւագոյն գոլի մրցանակը յանձնուեց «Սանթոս»ի յարձակուող երիտասարդ, տաղանդաւոր Նէյմարին, ում հետ մրցանակին յաւակնում էին նաեւ Լէոնել Մեսսին եւ Ուէյն Ռունին:

- Կանանց ֆուտբոլում լաւագոյն մարզիչ ճանաչուեց Ճապոնիայի հաւաքականի մարզիչ Նորիօ Սասակին, իսկ լաւագոյն ֆուտբոլիստուհին՝ այդ հաւաքականի խաղացող Հոմարէ Սաւան:

- Անգլիայի գաւաթի խաղարկութիւնում «Արսենալ»ը հանդիպեց «Լիդս»ի հետ: «Արսենալ»ի կազմում 5 տարուայ ընդմիջումից յետոյ (վարձավճարով) փոխարինման դուրս եկած Թիերի Անրին խփեց յաղթական ու միակ գոլը եւ «Արսենալ»ը մտաւ յաջորդ փուլ:

- Հոկէյի ազգային լիգայի (NHL) խաղարկութեան հերթական փուլում Լոս Անջելեսի «Արքաները» (los Angeles Kings) 5:2 հաշուով ջախջախեցին Վաշինգտոնի «գլխաւորներին» (Washington Capitals): Եթէ «Արքաների» առաջատար Կոպիտարը մէկ գոլ խփեց, ապա վաշինգտոնցիների առաջատար Օվեչկինը ոչինչով աչքի չընկաւ:

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐ
Պատրաստեց՝ ՎԱՀԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

- Արգենտինացի ֆուտբոլիստ Լէոնել Մեսսին երրորդ անգամ անընդմէջ նուաճեց «Ոսկէ գնդակը», որը յանձնւում է աշխարհի լաւագոյն ֆուտբոլիստին:

- Ֆրանսիացի ծովագնացներն արժանացան Ժիւլ Վեռնի անուան մրցանակին՝ ամենաարագ ժամանակամիջոցում շուրջերկրեայ ճանապարհորդութիւն կատարելու համար: Կապիտան Լօիկ Պէյրոնի գլխաւորութեամբ զբօսանաւը երկրի շուրջը պտտուեց 45 օր 13 ժամ 42 րոպէում: Նրանք յաղթահարեցին 12,000 ծովային մղոն, վերադառնալով ֆրանսիական Բրեստ քաղաք:

- Դոհայում աւարտուած թենիսի ATP մրցաշարում ֆրանսիացի Ցոնգան 7:5-6:3 հաշուով յաղթեց իր հայրենակից Մոնֆիլսին եւ իր «կարերիա»ում շահեց 8րդ մրցանակը:

- Անգլիայի ֆուտբոլի գաւաթի խաղարկութիւնում «Մանչեստր Եունայթեդ»-«Մանչեստր Սիթի» սկզբունքային մրցավէճում 3:2 հաշուով յաղթանակ տօնեցին «Մանչեստր Եւնայթեդ»ի ֆուտբոլիստները: «Քաղաքացիները» այժմ ամբողջ ուշադրութիւնը պէտք է սեւեռեն առաջնութեանը, որտեղ նրանք երեք միաւորով գերազանցում են իրենց գլխաւոր հակառակորդներին:

- Իսպանիայի ֆուտբոլի առաջնութիւնում «Բարսելոնա» թիմը 1:1՝ ոչ ոքի խաղաց «Էսպանէօլ»ի հետ եւ իր վաստակած միաւորներով այժմ 5 կէտով զիջում է առաջատար «Ռէալ»ին:

Տարուան Լաւագոյն Հագուստները. Նորութիւններ
Էջը Պատրաստեց՝

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Տարուան Լաւագոյն

Եւ Յիշատակելի Հագուստները

Ամէն տարի յատուկ հագուստներ եւ իւրայատուկ առիթներու համար պատրաստուած ու հագցուած տարազներ կը դառնան տպաւորիչ, եւ տարիներ ամբողջ կը մնան շատերու յիշողութեան մէջ: Այս տարուան համար պիտի յիշենք քանի մը տարազներ, որոնք իսկապէս շատ ուշագրաւ էին ու մեզմէ շատերուն յիշողութեան մէջ միշտ պիտի մնան ու լաւ օրինակ ծառայեն:

- Արքայական պսակի տարազը

Մօտաւորապէս երկու միլիառ մարդ հետեւեցաւ Ուիլեըմ իշխանին եւ Քաթրինի արքայական պսակին, Ապրիլ 29, 2011ին: Շատ տպաւորիչ հագուստ մըն էր Քաթրինի կրած տարազը՝ Ալեքսանտր Մըքուինի նորաձեւութեան շարքին պատկանող: Քաթրինի հիանալի տեսքը պիտի մնայ միլիոններու տպաւորութեան մէջ: Պարզ եւ գեղեցիկ, ու ամէնէն կարեւորը՝ իր մարմինին վայելող տարազ մը ընտրած էր սիրուն եւ ինքնավստահ հարսը:

- Փիփա

Եթէ արքայական պսակը Քաթրինին վերածեց դքսուհիի մը, ապա անոր փոքր քոյրը այս առթիւ վերածուեցաւ աստղի մը: Ան կնքամայրն էր իր քրոջը պսակին եւ անոր հագած պարզ ու ճերմակ հագուստը բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց: Կրկին Ալեքսանտր Մըքուինի նորաձեւութեան շարքին պատկանող այդ տարազը ու անոր կեցուածքը զինք միչեւ այսօր նորաձեւութեան քննադատներու ուշադրութեան առարկան դարձուցին:

Հոլիվուտի Աստղերու

Նորութիւններէն

- Էլիզապէթ Թէյլըր

Այս տարի աշխարհը կորսնցուց գեղեցիկ տիտան մը ֆիլմաշխարհի հերոսներէն: Ան մահացաւ 79 տարեկան հասակին, Լոս Անճելըսի մէջ: «Էյտզ» հիւանդութեան բուժման համար բաւական նուիրատուութիւններ կատարող եւ նաեւ երկու անգամ «Օսքար» շահած այս դերասանուհին նշանաւոր էր թէ՛ իր գոհարեղէններու եւ թէ իր ամուսիններու հաւաքածոներով:

- Ճենըֆըր Լոփեզ

Նշանաւոր աստղ Ճենըֆըր Լոփեզ ընտանեկան եւ անձնական կարգ մը պատճառներով ունեցած կարճ դադարէ մը ետք, կրկին վերադարձաւ իր ասպարէզին: Այս տարի անոր առաջարկուած են զանազան գործեր, որոնց շարքին՝ «American Idol» դատակազմի անդամութիւն եւ նոր ձայնասկաւառակի հրատարակում. ան «People» պարբերաթերթին մէջ յիշուած է իբրեւ ամէնէն գեղեցիկ կանանց ցուցակի թիւ մէկ անձնաւորութիւնը: Վստահաբար այս կինը իր գեղեցիկ տեսքով, ձայնով ու ինքնավստահութեամբ պիտի նուաճէ բարձրագոյն գագաթներ:

- Էմմա Ուաթսըն եւ «Հերի Փոթըր»

Հռչակաւոր դերասանուհի Էմմա Ուաթսըն իր վերջին շարժապատկերով՝ «Հերի Փոթըր»ով, դարձաւ «կարմիր գորգ»ի վրայ ճեմող հսկաներէն մէկը: Ան ունէր իր սիրուն յարդարուած մազերը ու գեղեցիկ ձեւաւորուած հագուստները: Հմայիչ տեսքով՝ հմայիչ դերասանուհի…

Տարուան Ամէնէն

Գեղեցիկ Մազերը

Այս տարուան Փետրուարին, ամերիկացի նշանաւոր դերասանուհի Ճենըֆըր Էնիսթըն Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, հարցազրոյց մը ունեցաւ, եւ մամուլին ու հեռատեսիլի ներկայացուցիչներուն ուշադրութիւնը գրաւեց իր հմայիչ՝ մինչեւ ուսերը հասնող խարտիաշ մազերու երեւոյթով: Իրականութիւնը կը հաստատէ, թէ Էնիսթըն կը մնայ նորաձեւութեան աշխարհի հմայիչ ներկայացուցիչներէն մին, որուն գծած ուղղութիւնները բաւական օրինակելի են ու բազմահազար հետեւորդներ ունին:

Ալեքսանտր Մըքուին

Համաշխարհային

Չափանիշներ

Կը Նուաճէ

Նիւ Եորք քաղաքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանի Գեղարուեստական հագուստներու ուսումնարանի ցուցասրահին մէջ, անցնող գարնան յայտնուեցաւ երեւոյթ մը, որուն հեղինակը նորաձեւութեան հնարամիտ հսկաներէն հռչակաւոր բրիտանացի Ալեքսանտր Մըքուինն էր: Ցուցահանդէսը կը պարունակէր նշանաւոր հնարողին ստեղծած աշխատանքներէն 100 հատը: Անոնք վերցուած էին իր արխիւներէն, սկսած անոր առաջին գործերէն՝ 1992էն, մինչեւ իր վերջին ցուցահանդէսին՝ 2010ին ցուցադրուած «Հրեշտակներ եւ Սատանաներ» (Angels And Demons) հաւաքածոյէն:

Հիանալի հաւաքածոյ մըն էր ցուցադրուածը. ցուցադրութիւնը նշեալ թանգարանին ութերորդ ամէնէն բարձր այցելուներու ցուցանիշը արձանագրեց:

Փորձեցինք արագ ակնարկով ներկայացնել անցած տարուան ընթացքին իրենց գեղեցկագոյն երեւոյթով ներկայացած նորաձեւութեան եւ շարժապատկերի աստղեր ու կարեւոր անձնաւորութիւններ:

Գեղեցիկ երեւիլը շնորհք մըն է, որուն կրնան արժանանալ անոնք, որոնք կրնան իրենց համար լաւագոյնը զատել ու տեսնել:

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Օգտաշատ Նոր Գիրքերու Հրատարակութիւն
ԴՈԿՏ. ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Վերջին տարիներուն համայնքիս մէջ լոյս կը տեսնեն կարգ մը մանկական գիրքեր, որոնք կը ճոխացնեն մանուկներու լեզուական պաշարը եւ գրադարանը:

Այս կարգի գիրքերէն թուենք «Փիսիկս», «Առաւօտ» եւ «Հայկ Նահապետ»  խորագիրները կրող գիրքերը, որոնք կը ներկայացուին հայ մանուկներուն, որպէս ընթերցանութեան օժանդակ նիւթ: Նաեւ հրատարակուած է «Հայոց Լեզուի Լիակատար Ուղղագրութիւնը» գիրքը: Բոլորին հեղինակն է դոկտ. Օննիկ Հայրապետեան:

«Փիսիկս» գիրքը նախատեսուած է առաջին դասարանի աշակերտներուն համար, իսկ «Առաւօտ»ը՝ երկրորդ դասարանի: Երկուքն ալ զարդարուած են շատ գեղեցիկ գծանկարներով, որպէսզի երեխաները կարդալէ բացի՝ նաեւ գունաւորեն պատկերները: Նկատի առնելով երեխաներու տարիքային առանձնայատկութիւններն ու կարողութիւնները՝ գիրքերուն լեզուն շատ պարզ ու մատչելի է: Երկու գիրքերուն մէջ ալ նիւթը ներկայացուած է հայերէնի երկու տարբերակներով՝ թէ արեւելահայերէն եւ թէ արեւմտահայերէն: Նիւթը աշակերտներու առօրեային կը վերաբերի:

«Հայկ Նահապետ»ը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութենէն կարեւոր դրուագ մը, որ մշակուած է պատմուածքի ձեւով ու ոճով եւ կ՛ընթանայ պապիկ ու թոռնիկի միջեւ զրոյցի ձեւով: Գիրքը պատկերազարդ ու գունատիպ է: Նկատի ունենալով բովանդակութեան ծաւալը՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակները առանձին գիրքերով տպագրուած են:

«Հայոց Լեզուի Լիակատար Ուղղագրութիւնը» գիրքը կը պարունակէ հայերէնի ուղղագրութեան կազմաւորման համառօտ պատմականը եւ դարերու ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր փոփոխութիւնները: Գիրքին հիմնական բաժինը համապատասխան օրինակներով եւ քով քովի կը ներկայացնէ դասական եւ նոր (հայաստանեան) ուղղագրութիւններուն կանոնները եւ ցոյց կու տայ երկու տարբերակներուն մէջ, թէ՛ նոյնանման եւ թէ իրարմէ տարբեր օրէնքները: Գիրքը նախատեսուած է, իբրեւ օժանդակ ձեռնարկ, հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն անսխալ հայերէն գրել:

Դոկտ. Հայրապետեան իր կրթական լայն փորձառութեամբ, որպէս հմուտ դաստիարակ եւ ներհուն մտաւորական, վերոնշեալ հրատարակութիւններով սատար կը հանդիսանայ մեր մայրենի լեզուն հայ մատղաշ սերունդին մատչելի դարձնելու գործին՝ արդիական դաստիարակչական մօտեցումով: Իսկ ուղղագրութեան գիրքը յոյժ կարեւոր ներդրում կը կատարէ մեր մայրենի լեզուն անաղարտ պահելու ջանքերուն ուղղութեամբ: Սոյն աշխատասիրութիւնը, որպէս դասագիրք կ՛օգտագործուի «Մաշտոց» քոլեճի հայագիտութեան հետեւող ուսանողներուն կողմէ, իր իսկ՝ դոկտ. Հայրապետեանի դասաւանդութեամբ:

Վերոնշեալ գիրքերը կարելի է ձեռք բերել «Մաշտոց» քոլեճէն կամ Կլենտէյլի հայկական գրախանութներէն, ինչպէս նաեւ՝ հետեւեալ կայքէջէն՝ www.armenianbooksonline.com

Պիտի Կարենա՞նք…
ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր աշխատակիցներուն կը դիմէ Նոր Տարուան առթիւ թելադրելով քանի մը նիւթեր, որոնցմէ կարելի էր ընտրել մեր նախասիրած նիւթը: Չորս

ընտրութիւններէն ես ընտրեցի հետեւեալը. «Հայ Դատի հետապնդման նոր հանգրուանի մը սեմի՞ն ենք, թէ ոչ: Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին պիտի կարենա՞նք անցնիլ, պիտի կարենա՞նք հողային ընդհանրապէս հատուցման հարցը պատշաճօրէն օրակարգի վրայ դնել:»

Վերոյիշեալ չորս տողերուն մէջ ընդգրկուած «ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին» խօսքը ենթադրել կու տայ որ, արդէն իսկ ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է եւ մենք կը պատրաստուինք անցնելու երկրորդ հանգրուանին: Ենթադրենք թէ այդպէս է. այն ատեն ընդունինք որ մենք շատ ընելիք ունինք տակաւին, որուն մէկ նմոյշը տեսանք Նոյեմբեր 4ի երեկոյեան ՀՈՐԻԶՈՆ հեռուստատեսութեան հաղորդումներուն ընթացքին:  Հաղորդումը մեզի նոր յոյս եւ հաւատք ներշնչեց մեր նոր սերունդին հանդէպ:

Արդարեւ, այդ երեկոյեան ծրագրին վրայ կար հայու հոգին լիցքաւորող երեւոյթ մը: 2005ին, մեր ազգայիններէն՝  պրն. Յովան Թաշճեան, նուազագոյն քսան երիտասարդներու գլուխն անցած, զանոնք տարած էր Արեւմտեան Հայաստան եւ կ՛այցելէր մեր նշանաւոր, հոգ չէ թէ «աւերակ», վանքերն ու եկեղեցիները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ, երիտասարդները երկիւղածութեամբ շարականներ կ՛երգէին եւ մոմեր կը վառէին քանդուած խորաններուն առջեւ: Սոյն հաղորդումը կրկնութիւնն էր նախկին հաղորդման մը:

Եւ ես շատ ուրախ եղայ, որ ան կրկնուեցաւ:

Դաստիարակչական ուղեւորութիւնը սկսաւ Կարս քաղաքէն: Ապա մեր ուխտաւորները անցան Կարին ուր եւս, քաղաքին կողքին, այցելեցին կարգ մը եկեղեցիներ, միշտ իրենց առաջնորդին բացատրութիւններուն մտիկ ընելով: Ապա, Վան, ուր այցելեցին պատմական եւ նշանաւոր Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, որ կը յիշուի բազմաթիւ հայ ժողովրդական երգերու մէջ:

Ի վերջոյ կը հասնին Անի, եւ ուղղակի տաճար: Կը կատարեն նոյն արարողութիւնները եւ շարականներու նոյն երգեցողութիւնը: Անի, ուր երիտասարդները շարունակեցին իրենց պտոյտը եւ այցելեցին կարգ մը այլ եկեղեցիներ եւս,  որոնք մաս կը կազմէին Անիի «հազար ու մէկ» մեծ ու փոքր եկեղեցիներու համալիրին: Միւսները չտեսանք. որովհետեւ գոյութիւն չունէին այլեւս: Երիտասարդները մեծ մասամբ լուսանկարող եւ ֆիլմ արձանագրող մեքենաներ ունէին եւ զանոնք ամէն քայլի կը գործածէին, վստահ եմ՝ իրենց ծնողներն ու ընտանիքի միւս անդամները եւս մասնակից ընելու համար իրենց այս բացառիկ ուղեւորութեան:

Իւրաքանչիւր քաղաքի փողոցներուն մէջ, մեծ թիւով թուրք եւ քիւրտ լաճեր կը հետեւէին մեր ուխտաւորներու խումբին, մեծ հետաքրքրութեամբ: Հիմա շատեր պիտի ըսեն. «կ՛արժէ՞ արդեօք այդքան յոգնիլ՝ քանի մը աւերակ տեսնելու համար»: Ի հարկէ, ԱՅՈ: Աւերակները կը մնան միակ երաշխիքը փաստելու, թէ մենք՝ հայերս ընդոծին ժողովուրդ ենք, եւ ոչ եկուոր՝ թուրքին պէս: Անոր համար, պէտք է գուրգուրանք այդ աւերակներուն վրայ, պէտք է յաճախ այցելենք անոնց, տեսնելու համար թէ անոնցմէ քանի՞ն փճացուած է միջոցին, եւ այդ իրականութիւնը մեր մօտ արձանագրենք: Ապագային կրնանք պէտք ունենալ անոր, բաղդատութեան համար:

Այս վախը աւելի արմատաւորուեցաւ մէջս, երբ Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբերի «Ասպարէզ»ը մեզի կը փոխանցէր յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի մտահոգութիւնը, թէ «երկրաշարժը Թուրքիոյ համար առիթ է հայկական յուշարձանները քանդելու»: Անշուշտ՝ ներառեալ եկեղեցիներն ու վանքերը, սրբել տանելով մեր միակ յոյսը փաստելու մեր ընդոծին ըլլալու իրականութիւնը: Եւ մեր հայրենի աշխարհը չի տառապիր աւերակներու պակասէն: Յիշատակը դեռ թարմ է մեր մտքերուն մէջ: Այս վերջին ամսուան ընթացքին միայն՝ երկու երկրաշարժ պատահեցաւ Վանի մէջ: Այնպէս կ՛երեւի, թէ բնութիւնը եւս մեր դէմ կ՛աշխատի:

Այս ուղղութեամբ, Յակոբ Օշական, իր «Մնացորդաց» վէպին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Փլատակներ, շատ բազմազան, արդի քաղաքէն քանի մը ժամ հեռուները մինչեւ տարածուող, հաւանաբար ազնուականներու ապարանքներ, որոնք տասը-քսան դար առաջ այս հրաշալի լեռնաթափին փռուեցան իբր հեթանոս գեղեցկութիւն, առատութիւն եւ տարփանք, այսօր մացառներով եղաւոր, եղիճներու սղոցակուռ բանակով անմատոյց իրենց մեծ կողմերէն, խորշիկ մը տրամադրած են Մոնկոլիայէն կարծես նոր ժամանած թաթարին, որ քանի մը մորթ կը տարածէ թերեւս այն դահլիճի յատակին, ուր թագուհիներու ոսկի պատմուճանները շողացին: (Սոյն մասը  կը քաղեմ «Մնացորդաց»ի Գ. հատորի Գ. գիրքի էջ 18ի 22րդ տողէն: Այս մասին խորագիրն է  «ԱՐԻՒՆԻ ՃԱՄԲՈՎ», որ կը բացայայտէ թէ թուրքին արարքներուն մղիչ ազդակը ոչ քաղաքական պայմաններն են, ոչ ալ հայերու «այսպէս կոչուած» դաւաճանութիիւնն է Օսմանեան   պետութեան դէմ: Ան կու գայ շատ խորերէն, ԱՐԻՒՆԻ ՃԱՄԲՈՎ, տեղ մը ուր չենք փնտռեր զայն:»)

Այլ մէջբերում մը եւս նոյն հատորէն. «ազգային հնութիւններ իւրացնելու թուրքին այս մարմաջը կուգայ ԻՐ այն խոր համոզումէն եւ գիտակցութենէն, որ ինք է եկուոր ժողովուրդը, ոչ թէ հայերը:» Հարց կու տամ ես ինծի. «արդեօ՞ք եթէ լաւ ճանչնայինք թուրքը, եւ մենք զմեզ, մեր ճակատագիրը տարբեր կ՛ըլլա՞ր:» Բայց քիչ մը ուշ է հռետորական հարցումներու համար: Չէ՞ք կարծեր:

Ուրեմն,  ամէն պարագայի, անմիջապէս պէտք է սկսինք մեր աւերակները հաւաքելու կարեւոր աշխատանքին եւ թոյլ չտանք որ թուրքը զանոնք նորոգէ ըստ իր կամքին եւ ճաշակին, եւ մեր եկեղեցիները վերածէ թանգարանի, մզկիթի, մինչեւ իսկ՝ ախոռի: Իսկ, այս պահուն ես ջերմօրէն կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ երկար եւ առողջ կեանք տայ յուշարձանագէտ յարգելի Սամուէլ Կարապետեանին. որովհետեւ այսօր, առաւել քան երբեք, մեր աւերակները պէտք ունին իր հմտութեան եւ պաշտպանութեան:

Եւ շատ ճիշդ է, որ բոլոր մեր երիտասարդները այցելեն Արեւմտեան Հայաստան, իրենց աչքերով տեսնելու կատարուած քանդումները, որովհետեւ յետ այսու իրենք է որ տէր պիտի կանգնին մեր Դատին եւ զայն պաշտպանեն իրենց նոր գիտելիքներով՝ նոր

խանդավառութեամբ: Աւելին. պէտք չէ որ մեծ անջրպետ մը բաժնէ ներկայ սերունդը ապագայ սերունդէն: Նորը պէտք է ըլլայ հինին ձգտումներուն շարունակութիւնն ու ջահակիրը: Այլապէս, մեր ներկայ աշխարհին պայմանները եւ համաշխարհայնացումը մեծ հարուած կրնան հասցնել թէ՛ մեր եւ թէ՛ մեր դատի գոյութեան:

Եւ ես խորապէս կը հաւատամ որ յանցագործները, ուշ կամ կանուխ, իրենց արժանի պատիժը պիտի կրեն ամէն տեղ, ամէն ատեն:

Ազգօգուտ Ապրելու Տարի
ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ

21րդ դարը եկաւ ու, աշխարհականացման անուան տակ, վերջնականապէս ջախջախեց մարդու եւ ժողովուրդների իրաւունք հասկացողութիւնները, քանզի մեծ տէրութիւններին ձեռնտու չէ ասպարէզ տալու մարդ եւ ժողովուրդ պատկանելութեանը, որ իրենք ամբողջովին տիրանան նրանց անձնական եւ ազգային իրաւունքներին՝ նրանց տնտեսական ուենցուածքին: Նրանք քաջ գիտեն, որ տնտեսականի ոչնչացումով սկիզբ է դրւում մարդկայինի եւ ազգայինի փոշիացմանը:

Այսօր աշխարհը փորձում է այս նոր աշխարհաքաղաքականացման ծրագրով ոչնչացնել, ջնջել նաեւ ազգային պատմական յիշողութիւնը, յատկապէս փոքր ժողովրդների միջից, հոգեւոր ժառանգութեան գիտակցումը հիմնահատակ քերել, հանել ժողովրդային բնազդից, որ նրանք ինքնստինքեան, նոյնիսկ ինքնակամօրէն ձուլուեն ու ոչնչանան, առանց մեծ տէրութիւններին գլխացաւանք դառնալու:

Նրանք առանց երկար-բարակ մտածելու տեղահանում, վերաբնակեցնում են ժողովուրդներին, ջնջում նրանց ինքնութիւնը, կարեւորութիւն չտալով, ոչ պատմական փաստարկներին, ոչ էլ հանրութեան կարծիքին: Անում են այն, ինչ իրենց շահ է ապահովում:

Իրենց հիմքերը վաղուց ամրացրած լինելով, նրանք ոչ մէկ մտավախութիւն ունեն վերը նշուածներից, քանզի իրենք են ձուլողներն էլ, ոչնչացնողներն էլ եւ իրենց ժողովուրդն էլ ապրում է իր հողի վրայ, իր բնականոն կեանքով, իր օրէօր աճող ու զարգացող մայրենի լեզուով:

Բնականաբար փոքր ժողովուրդները իրենց չլուծուած հազարաւոր հարցերով անհանգստութիւն են պատճառում աշխարհի տէրերին: Ժամ առաջ նրանք փորձում են ազատուել փոքր ժողովուրդների իրենց համար խառնիճաղանճ խնդիրներից, որ հանգիստ իրենց կողոպուտը վայելեն: Նրանք այնքան են տարուած դրանով, որ նոյնիսկ արհամարհում են իրենց երկրի ներքաղաքական աճող խնդիրները. վկան՝ Ամերիկայի եւ աշխարհի տարածքով գլուխ բարձրացրած զանգուածային աշխատաւորական ցոյցերի հանդէպ կառավարութիւնների անտարբեր վերաբերմունքը:

Փոքր տէրութիւնները, որոնք դարձել են մեծ տէրութիւնների ցուցմունք-ցանկութիւնների գերին ու կամակատարը, հետեւում են նրանց օրինակին՝ իրենց կողոպուտի եւ օտարների հրամայականների տակ արհամարում են ոչ միայն իրենց ժողովրդի, այլ իրենց երկրի ապագայի օրէօր բարդացող խնդիրները: Բայց արդեօ՞ք դա թոյլատրելի է թոյլերին, որոնց թւում եւ յատկապէս մեզ, մեր նորածին ինքնանպատակ պետականութեամբ, մեր խախուտ, դեռ ոչ ամբողջական, մասնատուած սահմաններով, խլուած իրաւունքներով, նոյնքան մասնատուած ժողովրդով ու մտածողութեամբ ապրողներիս: Ներելի՞ է մեզ, որ նրանց օրինակին հետեւենք առանց սեփական ուժ ու հարստութիւն ունենալու:

Մէկ տարի եւս մեր երկիրը գլորեց ներքաղաքական միտումնաւոր, օտարների հրահրումով կազմակերպուած, պառակտիչ քաշքշուկներով, մոռացութեան տալով ամենակարեւորը՝ երկրի ապագան եւ համայն հայութեան պահանջները եւ Նոր տարին թեւակոխում ենք նոյնքան անորոշ, անծրագիր ու թուլակամ, որքան աւարտել էինք անցնող հին տարին:

Ճակատագրի հրամայականով մենք դարձանք այն ազգը, որը ոչ թէ մտածելու է միայն այսօրուայ մասին, անհոգ կերտելով իր ապագան, ինչպէս մեր շրջապատի միւս բոլոր ազգերն են, այլ ամենակարեւորը՝ մտածելու եւ աշխատելու է նաեւ իր ետեւում թողածի, իրենից խլուած, իրեն պատկանող իրաւունքները ետ ստանալու մասին: Այսպիսով, իւրաքանչիւր բաց թողած վայրկեան, չօգտագործուած իւրաքանչիւր հնարաւորութիւն, աւելի ու աւելի է բարդացնում մեզ պատկանող իրաւունքների ձեռք բերման գործը, մեզ ստիպում է ետ գնալու աւելի երկար ու խոչնդոտներով լի աւելի դժուար ճանապարհ անցնել:

Վերջին տասնամեակում մենք զոհ գնացինք թուրքերի կողմից խորամանկօրէն եւ փայլուն մտածուած, օտար շահամոլ հսկաների կողմից հաստատուած, մեր դէմ կատարուած Ցեղասպանութիւնը իրեն՝ յանցագործ թուրքին, ընդունել տալու խաղին: Եւ մինչեւ օրս դեռ շարունակում ենք նրա լարած այդ խաղ-թակարդի մէջ մնալ, իզուր դրամ եւ ժամանակ վատնելով: Մինչդեռ, մենք կարող էինք այս տարիներին նոյն յաջողութեամբ, դրան զուգահեռ եւ միաժամանակ, մեր պահանջատիրութեան հարցը աշխարհաճանաչ դարձնել եւ ոճրագործին հասկացնել, որ միայն ոճրի ընդունումը չէ մեր պահանջը:  Որպէս Ցեղասպանութիւնը ապրած ազգ իրաւունք չունէինք այն քննարկման հարց դարձնելու, նոյնիսկ վիրաւորանք պիտի ապրէինք այդ առաջարկից: Բայց մենք ոչ միայն չվիրաւորուեցինք եւ չկասեցրինք նրա խաղը, այլ հնազանդօրէն հետեւեցինք նրա իւրաքանչիւր առաջարկին՝ պատմաբանների քննարկումից սկսած, մինչեւ առանձին յանձնախմբերի ստեղծումի համար պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով:

Թուրքը քաջածանօթ լինելով հայի դիւրահաւատութեան «անգնահատելի» յատկութեան, այնքան առաջ գնաց, որ նոյնիսկ ամէն ինչ մոռացութեան տալու համաձայնագիր առաջարկեց մեզ: Մենք դա էլ ընդունեցինք:

Ընդունեցինք նաեւ այն, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը անիմաստ գտնելով այդ համաձայնագիրը մի կողմ նետեց այն, նոր թակարդի մէջ քաշելու համար մեզ, իսկ մեր կառավարութիւնը դեռ սրտատրոփ սպասում է, թէ Թուրքիան երբ է այն կրկին կեանքի կոչելու:  Հայերի այս անհամբեր սպասումին Թուրքիոյ նախագահ Ա. Գիւլը Լոնդոնում յայտարարեց, որ «հայ-թուրքական յարաբերութիւնները դեռ ամբողջովին չեն մահացել»:  Ահա թէ ինչու վերջերս Երեւանում կայացած հայ-թուրքական գործարարների համաժողովը, որին մասնակցել են 100 ներկայացուցիչներ, 50ը ժամանել են Թուրքիայից, մեծ ոգեւորութիւն է առաջացրել հայերի մօտ: Ինչպէս երեւում է մեր կառավարութիւնը հիմա էլ գործարարների միջոցով է ջերմացնում Թուրքիոյ հետ առերես սառած յարաբերութիւնը, որպէսզի ինքստինքեան ջնջուեն քաղաքական անձեռնտու մեղադրանքները:

Մինչ Հայաստանը Թուրքիոյ հետ իր անձնական շահերին հետամուտ գործընթացի մէջ է, Հայ Դատի եւ սփիւռքահայութեան յամառ աշխատանքով, օտար պետութիւններից շատերը օրէնք են որդեգրում, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներին քրէական յանցագործութեամբ պատժելու:

Իսկ ո՞վ է պատժելու մեր ղեկավարներին եւ այն հայերին, որոնք ոտնատակ են տալիս մեր պահանջատիրութեան, մեր գալիք սերունդների իրաւունքները:

Դրա վառ օրինակներից մէկը աշխարհահռչակ երգիչ, վերջին տարիներին հայրենիքին իր նուիրուածութիւնը բազմիցս հաստատած, Շ. Ազնաուրի ցնցիչ հարցազրոյց- յայտարարութիւնն էր, ուր ողջ հայութեան կողմից պաշտուած հսկան «մեծահոգաբար», թուրքերին չվշտացնելու համար, Ցեղասպանութիւն անուանումը, որն իր մէջ ազգերի դէմ կիրառուող ամենածանր յանցանքներ է ընդգրկում, առաջարկում է փոխարինել հասարակ մի բառով՝ կոտորածով, որը քրէական ծանր պատասխանատուութիւն չի ընդգրկում իր մէջ:

Վստահաբար, պարզամիտ բառերը նուրբ երաժշտութեամբ զարդարող երգչի ականջին բաւական ծանր է հնչել Ցե-ղա-սպա-նու-թիւ-նը, իսկ եթէ դրան գումարենք նաեւ բառի իմաստի ահռելի ընդգրկումը, հասկանալի կը դառնայ այդ բառի հանդէպ իր վերաբերմունքը:

Բայց այդքանով էլ չսահմանափակուելով նա այնքան է առաջ գնում «Les Nouvelles d՛armenie»ի իր հարցազրոյցում, որ իմաստազրկում է մեր տարածքային պահանջատիրութիւնը, այն համեմատելով Գերմանիոյ՝ Էլզաս Լոթարինգիան եւ Ֆրանսիայի՝ Ռուռի, այլեւս չպահանջուող տարածքների հետ, եզրայանգելով՝ «եթէ նոյնիսկ թուրքերը վերադարձնեն այդ տարածքները, ո՞վ է գնալու այնտեղ ապրելու»:  Դա էլ բաւարար չնկատելով, վերջում բոլորի կողմից հաւաստիացնում է՝ «ոչ ոք»:

Դիւանագէտի իր պաշտօնից ելնելով՝ Շուէյցարիայում Հայաստանի դեսպան, նա իրաւունք չունէր երկրի կամ ժողովրդի անունից պատասխանատու յայտարարութիւններ անելու, թէկուզ որպէս անձնական մտածում:  Դրան գումարած նաեւ առանց պատմութիւն իմանալու, խառնելով պատմական իրադարձութիւնները, հաւասար համեմատութեան նժարի վրայ դնէր ծրագրուած, դիտումնաւոր բնաջնջուած, իր ժողովրդի խլուած հողատարածքների պահանջի եւ պատերազմով շահած տարածքների պահանջների միջեւ:  Այդ ամէնից յետոյ էլ արդարանալու, որ «ես այդչափ խելամտութիւն եւ զարգացածութիւն չունեմ, որպէսզի հաստատեմ այն ամէնն, ինչի մասին խօսում եմ»:

Որ «խելամտութիւն ու զարգացածութիւն» չունի դա դեռ ոչինչ, բայց այդ ամէնի մասին ինքը քաջատեղեակ լինելով, ինչո՞ւ էր իրեն թոյլ տալիս, որ աշխարհը իմանար այդ մասին:  Կամ եթէ գիտէր, որ չունէր, ինչո՞ւ էր կարծիք յայտնում մի նիւթի մասին, որից պարզւում է այնքան էլ քաջատեղեակ չէ:

Սա երկրորդ անգամ է, որ նա իրեն դնում է թուրքերի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւն մշակողի դերում:  Առաջին անգամ մենք ականատես եղանք Հայ-թուրքական համաձայնագրի ստորագրման ժամանակ, իրբեւ երջանիկ վկայ նրա լայնաժպիտ, շողացող դէմքով ներկայութեանը եւ հիմա իբրեւ մեր պահանջատիրութիւնը խորտակողի:  Իսկ ինքը կը համաձայնուէ՞ր, եթէ իր աշխարհահռչակ տիտղոսը  փոխարինէին սովորական եգչի տիտղոսով:

Նա շատ լաւ գիտեր, որ իր խօսքը իր համբաւի թեւերով տարածուելու եւ ճիշդ հասցէատիրոջը՝ թուրքին, է հասնելու, նրան աւելի ամրացնելով իր դիրքում:

Արժէ՞ր արդեօք թշնամուն սիրաշահելու համար դառնար իր ազգի պատմութեան յիշողութիւնը ջնջողներից: Միթէ՞ քիչ էր նրանց թիւը, որ ինքն էլ միանում էր, բազմապատկելու այն:

Հարց է ծագում, թէ մենք մինչեւ ե՞րբ ենք օտարին ծառայելու, նրա ուղեղով մեր ազգային շահերը վերլուծելու, նոյնիսկ դիւանագիտութեան օրէնքներից անտեղեակ, հողից իրաւազրկուած ֆրանսահայի կոկորդով էլ զիջելու ու ջնջելու մեր ժողովրդի իրաւունքները:

Առանց պատմական յիշողութեան, այն էլ փլուզուած, կենսագրութեամբ, ինչպէ՞ս ենք առաջ ընթանալու:  Մենք մեղաւո՞ր ենք, որ մէկը խաթարել է մեր կենսագրութիւնը, չէ՞, որ այդ մէկը այսօր հզօրացել է մեր մորթոտուած կենսագրութեան, այդ կենսագրութիւնը կրող սերունդների իրաւունքների հաշուին:

Այս ինքնահոսի մատնուած, անտարբեր եռուզերից, ապազգայնացումից ինչպէ՞ս, ի՞նչ թռիչքով ենք պոկուելու, որ սկսենք մեր ուշացած պահանջատիրութիւնը:

Հայ-թուրքական ներկայ յարաբերութիւնների անհասկանալի բնոյթը է՛լ աւելի է վտանգում մեր պահաջատիրութեան օրինականացման գործը: Մինչեւ ե՞րբ լռենք, սպասենք, որ օտարները՞ մեր փոխարէն պահանջեն: Արդէն այնքան ենք օտարին փարուել, ձուլուել, որ մեր ազգայինն ենք փոշիացնում:

Մենք անվերջ ահազանգում ենք, որ գործուած եղեռնագործութիւնը շուտով դարն է բոլորելու, բայց բաւարարւում ենք միայն մեծ շուքով այն նշելու ծրագրի վրայ աշխատելով:

Ի՞նչ երեսով, ինչպէ՞ս ենք այն նշելու, երբ չենք սկսել ամենակարեւորը՝ մեզնից խլուած իրաւունքների պահանջատիրութիւնը:  Երբ թափառում ենք աշխարհով մէկ, սերունդներ ենք մեծացնում առանց լեզուի ու մշակոյթի, երբ մեր՝ արեւմտահայութեան հայ մնալու  ապագան է վտանգուած:

Անցնող տարում սփիւռքում արծարծուող մեծագոյն հարցը արեւմտահայ լեզուի վտանգուած լինելն էր:  Լեզուն եւ մշակոյթը հողի արգասիք են, դրանից բխող, դրանով շաղախուած, դրանով շնչող գործօններ են:  Ինչպէ՞ս կարող ենք օտար ափերում այն կենդանի պահել:  Եթէ նոյնիսկ ազգովին ամբողջ ուժով աշխատենք, դարձեալ արդիւնքի չենք հասնի: Գուցէ մի քանի հոգի աւելի հայերէն խօսեն, բայց լեզուն զարգացում չի կարող ապրել:  Յատկապէս, երբ իրար ետեւից փակւում են հայկական այնպիսի կարեւոր հաստատութիւններ, որ իրենց երկարամեայ փորձառութեամբ մեր կորցրած հողերի փոխարինողներն էին դարձել, ինչպէս «Մելգոնեան»ը, «Մուրատ Ռաֆայէլեան»ը:  Շահամոլ իրականութիւնը եկաւ հաստատեց, որ ազգայինից առաջ շահն է կարեւոր եւ ապագայ սերունդների դաստիարակումը յանձնեց այդ շահին:

Քաղաքականութեան մէջ երբեւէ հաստատուն ոչինչ կայ: Թուրքիան որքան որ հզօրանում է, նոյնքան էլ ներսից տեղաշարժ է ապրում:  Երէկուայ թրքացած հայերը, այսօր իրենց ազգապատկանելիութիւնն են բացայայտում:  Մեր խլուած հողատարածքների վրայ դեռ կանգուն են մեր գոյութիւնը հաստատող փլատակները: Քանի դեռ այդ արթնացումը կայ, քանի դեռ այդ շօշափելի փաստերը իսպառ չեն վերացել, կառչենք դրանցից եւ մեր պահանջատիրութեան դատը սկսենք:

Ժամանակն է, որ ազգովին նոր փուլ մտնենք:

20 տարուց ի վեր մենք մաշւում, պառակտւում, մինչեւ իսկ բնակչութեամբ նօսրանում ենք անհեռանկար ղեկավարների ձեռքին:  Մեր հայրենի ժողովրդին հետաքրքրում է միայն իր տնտեսական վիճակը: Այնինիչ, եթէ նա իր պահանջատիրութեանը տէր կանգնի, կը դառնայ տնտեսապէս բաւարարուած երկիր ու ժողովուրդ, քանի որ միլիարդների գումար է կազմում անցած 96 եւ գալիք տարիների մեր հողատարածքների շահագործումից ստացած Թուրքիոյ գումարը: Այդ մասին ոչ մէկը չի խօսում, ոչ մէկ աշխատանք է տարւում, մեզնից խլուածի շահագործուած եկամուտը թուերի վերածելու, այն դարձնելու պահանջ: Ոչ մէկ աշխատանք է տարւում ժողովրդին լուսաբանելու իրեն պատկանող իրաւունքները: Դրա փոխարէն հաւաստիացնում են, որ եթէ ամէն ինչ մոռանանք ու սահմանները բացուեն, դու լաւ կ՛ապրես ժողովուրդ:

Հրէաստանն այսօր հարուստ եւ ինքնաբաւ է զգում այն ահռելի գումարներով, որ վճարւում է նրան որպէս հատուցում իրենից խլուածի:  Ի՞նչ է, կարծում էք Գերմանիան ուզելո՞վ է հատուցում:

Պարզապէս պահանջողն է հաստատուն, պահանջողն է իր իրաւունքին տէր կանգնում եւ դեռ այդքանից յետոյ էլ աչալուրջ հսկում է, որ որեւէ մէկը չփորձի նոյնիսկ ակնարկով, հարցականի տակ դնելու իր ազգին պատահած ողբերգութիւնը:

Մենք այլեւս չենք կարող միայն Ցեղասպանութեան ընդունման հանգրուանով սահմանափակուել, կամ սպասել, որ ոճրագործը ընդունի իր գործած ոճիրը:  Նա մեզնից լաւ գիտէ այն ընդունելու հետեւանքը:

Ահա թէ ինչու Հայ Դատը իր գործունէութեան նոր փուլը պիտի սկսի՝ Պահանջատիրութեան եւ Փոխհատուցման  փուլը:  Իսկ դա միայն ազդեցիկ է պետական օրինական ծրագիր դառնալով:

Մեր պահանջատիրութեան պետական օրինականցման հարցը գնալով այնքան հրատապ է դառնում, որ իւրաքանչիւր օրուայ ուշացում միայն ի վնաս մեզ է գործում այլեւս: Ժամանակն է մեր ողջ ուժերը կենտրոնացնենք ժողովրդի մէջ արթնացնելու իր իրաւունքներին տէր կանգնելու ձգտումը:

Ինչպէս ցեղասպանութեան աշխարհաճանաչման գործում իր մեծագոյն ներդրումը ունեցաւ արեւմտահայ սփիւռքահայութիւնը, այս հարցում էլ նա դառնալու է մղիչ ուժ ու առաջնորդ, քանի որ ամէնից առաջ ինքն է պահանջատէր, իր գերդաստանից են խլուած այդ տարածքները, իր ծնողների թողած եկամուտներն է այսօր թուրքը օգտագործում, իսկ ինքը անհող ու թափառական է, ազգային անյայտ ապագայով:

Իւրաքանչիւր նոր տարի նոր ծրագրերի, խոստումների ձգտումներով է սկսւում:  Դուրս գանք մեր թմբիրից եւ գործենք:

Այս գալիք տարուայ ողջ սփիւռքահայութեան գլխաւոր խնդիրը դարձնենք մեր հայրենի պետութեանը հարկադրել, որ թուրքերի հետ նախքան որեւէ նոր յարաբերութիւն սկսելը Հայոց Պահանջատիրութեան եւ Հատուցման հարցը պետական օրինական ծրագիր վերածի:

Մեր սերունդը Ցեղասպանութիւնը ապրածների ամենավերջին մօտիկ կապն է, այն սերունդի, որը առանց ուսումի, առանց կոչումների, կարողացաւ մեր մէջ մեր դատին տէր կանգնելու գիտակցութիւնն ու մղումը ներդնել եւ նրանց հրամայականով մենք պարտաւոր ենք, նրանց ներդրածը օգտագործելու՝ նրանցից խլուածներին տէր կանգնելու, մեզ տրուած կեանքը ազգօգուտ ապրելու:

Այս նոր 2012թ դարձնենք մեր պահանջատիրութեան, մեր իրաւունքներին տիրանալու սկիզբը:

Դեկ. 2, 2011

ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ՝ ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻՆ
Հայաստանի Դէպի Ժողովրդավարութիւն Տանող Քարքարոտ Ուղին

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայաստանի մէջ կա՞յ հասարակութեան վերափոխման հնարաւորութիւն, իր իրաւունքներուն եւ քուէին տէր քաղաքացիական հասարակութիւն մը սկսա՞ծ է ձեւաւորուիլ, կրնա՞յ ձեւաւորուիլ:

ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Իրաւ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի որեւէ մերօրեայ երկրի մէջ: Սակայն, մարդկային հիմնական իրաւունքներու պաշտպան  միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններ (ՀԿ)  կը փորձեն ժողովրդավարական հիմունքներ տարածելով, ըլլայ համակարգչային ցանցերու թէ՝ քարոզչական եւ տեղեկատուական այլեւայլ միջոցներով, դէպի իրաւ ժողովրդավարութիւն առաջնորդել աշխարհի ժողովուրդները:

Այսօր ընկերային ամէնէն կարեւոր ուժերէն մէկը հասարակական կազմակերպուած երիտասարդական շարժումներն են: Անոնք երկրագունդին ամէն կողմ ինքնստինքեան մէջտեղ կու գան եւ յորդառատ ուժգնութեամբ ամբոխներու վերածուելով, ցնցիչ ու աննախադէպ երեւոյթներու առջեւ կը դնեն հսկայ կառավարութիւններ: Այս է միակ միջոցը այժմ հիմնական փոփոխութիւն մտցնելու որեւէ երկրի կամ մշակոյթի եւ կամ նոյնիսկ կազմակերպութէան մէջ:

Կ՛ապրինք տարիքային հիմունքներով կառուցուած եւ կառավարուող աշխարհի մը մէջ, այժմու երիտասարդութեան անհամեմատ արագընթաց եւ բարձրամակարդակ գիտականացումն ու զարգացումը, երիտասարդութիւնը դէմ առ դէմ կը դնէ այլընտրանքներու առջեւ, որոնք յաճախ կ՛առաջնորդեն դէպի պայքար եւ դէպի յեղափոխութիւն: Ժամանակն է որ գիտակցինք երիտասարդ սերունդին երէցներէն տարբեր ըլլալու իրողութեան եւ աշխատինք ներգրաւել այն երիտասարդները որոնք կարողական բարձր յատկանիշներ կը յայտնաբերեն եւ որոնց համար հայրենիքը ամէն ինչ է, իրենք պատրաստ եւ կարող են նպաստել անոր բարգաւաճման:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ (ՀՀ).- Հայաստանի հանրապետութեան երիտասարդութիւնն ալ չի տարբերիր համաշխարհային հոսանքներէն տարուող երիտասարդութիւններէն: Անոնք եւս ազդեցութեան տակ են արդի համացանցային տեղեկատուական եւ նորարարական մթնոլորտին, իրենց գիտա-արհեստագիտական պաշարներն ու յագեցուածութիւնը այնքան ալ թերագնահատելի չեն: Երիտասարդները լաւ կը գիտակցին մտածելակերպի եւ մտայնութեանց տեսակէտէն երէցներուն հետ իրենց ունեցած տարբերութեանց. անոնք կ՛ուզեն տնօրինել իրենց ապագան, իրենք են որ աշխարհը կը տեսնեն տարբեր գոյներով: Ուստի, ՀՀ հիմնախնդիրներու լուծումը, ըլլան անոնք ընկերաբանական, քաղաքական թէ տնտեսական, միայն կրնան գալ այդ երիտասարդ սերունդի առաջատար ներկայացուցիչներէն: Ապագան անխուսափելիօրէն կապուած է նոր սերունդին հետ, որ, աւելի առողջ ու անկաշկանդ մտածողութեամբ, յստակատեսութեամբ եւ օժտուած ամենաարդիական միջոցներով, պիտի կարենայ առաջնորդել մեր երկիրը նայիրեան դէպի «վարդահեղեղ արշալոյս,»… «որուն ոտնաձայնը ես կ՛առնեմ», ինչպէս կ՛ըսէ Դանիէլ Վարուժան:

ՀՀ երիտասարդ սերունդը լաւապէս հասկցած է որ միայն կառավարութեան վրայ ապաւինելով ոչ մէկ արդիւնքի կը հասնի: Փաստեր կան, որոնք ցոյց կու տան որ շատեր իրենք իրենց ուժերով, աջ ու ձախ դիմելով, միջազգային թէ տեղական կազմակերպութիւններու մէջ միաժամանակ աշխատելով, իրենց նպատակին կը հասնին: Այդպիսիները իրենք իրենց թէ նիւթապէս կ՛ապահովեն եւ թէ ալ իրենց բնագաւառին մէջ կը զարգանան: Ուրիշներ, զանազան բնագաւառներու մէջ հասարակական կազմակերպութիւններ (ՀԿ) հիմնելով պայքար կը մղեն զանազան ընկերային, հասարակական, բարեսիրական եւ առողջապահական հարցերու մէջ: Թէեւ, ՀԿներէն շատերը հիմնուած են պարզապէս անոր համար որ, ինչ-ինչ միջազգային հիմնադրամներէ օգուտ ստանալու կարելիութիւններ կան: Նոյնիսկ այդ պարագային սակայն, ՀԿներու դերը կրնայ մտայնութեան եւ նոր մօտեցումներու ծանօթացման տեսակէտէն դրական ըլլալ:

Ներկայիս աւելի քան 4500 ՀԿներ կան ՀՀ տարածքին, որոնցմէ կարգ մը ՀԿներ գնահատելի եւ դրական փոփոխութիւններ կ՛առաջացնեն, հասարակութեան ի նպաստ դրսեւորումներով հրապարակ կու գան: Անոնցմէ շատերը նոյնիսկ օրէնսդրական գետնի վրայ իրենց դրական ազդեցութիւնը կը բերեն: Դժուարութիւններ կան, երբեմն ոմանք նոյնիսկ կեանքի գնով կը պայքարին կարենալ նպաստաւոր արդիւնքներ ստանալու համար: Օրինակ, ՀԿներու դժուարին ջանքերով ծխելու դէմ, կնոջ հանդէպ վայրագութիւններու արգելման ի նպաստ, բնապահպանութեան ի խնդիր աշխատանքներ տարուած են ՀՀ տարածքին, որոնք, նոր օրէնքներ ստեղծելու եւ բարենպաստ պայմաններ յառաջացնելու ճամբայ բացած են: Հաւանաբար դեռ շատ կանուխ է ակնկալել, որ քաղաքական գետնի վրայ եւս զգալի փոփոխութիւն եւ յեղաշրջում կարելի ըլլայ ՀԿներու միջոցով:  Սակայն, այդ ալ ժամանակի ընթացքին, երբ ՀԿներու ոյժն ու ազդեցութիւնը փաստացի իրականութիւն դառնայ, անպայման կ՛իրականանայ:

Օր ըստ օրէ, ՀՀ երիտասարդութեան մտածելակերպն ու ուղղուածութիւնը աւելի բարենպաստ եւ հասուն պիտի ըլլան դէպի իրաւ ժողովրդավարութիւն: Փորձառութիւնները եւ ճգնաժամային հանգրուաններու պատճառած դժուարութիւններն ու արհաւիրքը պիտի պարտադրեն երկրի ղեկավարութեան ու մեծահարուստ Օլիկարխներուն  լրջօրէն մտածել իրենց առնելիք քայլերուն մասին, նախ քան որեւէ հակաժողովրդավարական որոշում կայացնելը:

ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊ ԵՒ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻԻՒՆ.- Բոլոր ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները ցոյց կու տան որ, մտայնութեան փոփոխութիւնը եւ մտածելակերպի թարմացումը ՀՀ տարածքին որեւէ քաղաքացիի համար անհրաժեշտ են,  առանց որոնց, որեւէ բնագաւառի մէջ հիմնական փոփոխութիւն եւ յառաջդիմութիւն չի կրնար կատարուիլ: Տակաւին հին՝ խորհրդային մտածելակերպը կը տիրապետէ գրեթէ բոլոր խաւերուն մէջ: Այդ վատառողջ մտածելակերպն ու մտայնութիւնը, դժբախտաբար, յոռի ազդեցութիւն կ՛ունենայ նոր սերունդի որոշ խաւի մը վրայ: Օրինակ՝ տակաւին ՀՀ քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ակնկալէ, որ իրենց հարցերը կառավարութիւնը պիտի լուծէ, իրենց տունը կառավարութիւնը պիտի նորոգէ, կառավարութւինը իրենց գործ պիտի հայթայթէ: Միայն այն անձերը կը փորձեն իրենք իրենց ինքնագլուխ օգնել, որոնք կրցած են ձերբազատուիլ վերոյիշեալ յոռի մտածելակերպէն ու մտայնութենէն, եւ անո՛նք առհասարակ երիտասարդներ են: Ճիշդ է որ յաճախ հսկայ խոչնդոտներ պէտք է յաղթահարել որպէսզի կարելի ըլլայ իրագործել որեւէ աշխատանք, սակայն շատեր հասկցած են որ ծուլութիւնն ու ուրիշի վրայ ապաւինիլն ալ ոչ մէկ օգուտ կը բերէ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ.- Անհրաժեշտ է որ բոլորը հասկնան, որ  առանց հայրենիքի տիրութեան գիտակցութեան, այսինքն, իւրաքանչիւր քաղաքացիի քաղաքացիական պարտականութիւններու գիտակցութեան, անկարելի է բարգաւաճ Հայաստան ունենալ: Ոեւէ ՀՀ քաղաքացի, եթէ տակաւին ինքն իրեն իրաւունք տայ պետական որեւէ գոյք անձնականացնելու, ուրիշներուն արդար իրաւունքը կեղեքելու, քուէարկութիւնը խարդախելու, ապա երկիրը շատ մեծ յառաջդիմութեան հնարաւորութիւն չի կրնար ունենալ: Որովհետեւ, կը նշանակէ թէ տակաւին անցեալի սովորութիւններն ու վարուելակերպը կը շարունակուին ընդունելի ըլլալ: Որպէսզի կարելի ըլլայ հինէն եկած յոռի բարքերն ու սովորութիւնները ջնջել, արդար եւ իրաւական երկիր կառուցանել, պէտք է ՀՀ իւրաքաչիւր քաղաքացի գիտակցի որ այդ երկիրը իրն է, ինքն ու իրեն նման անձերն են որ պատասխանատու են յաջորդող սերունդներուն բարօրութեան, ՀՀ մէջ բարգաւաճ կեանքի ապահովման: Նոր սերունդը իր վրայ պէտք է վերցնէ հայրենատիրութեան գիտակցութիւնը ժողովրդականացնելու պարտականութիւնը: Անհրաժեշտ է որ վերոյիշեալ փոփոխութեան ի նպաստ աշխատանք տարուի, հասարակութեան մէջ դրական կեցուածք ներմուծուի հայրենիքի, պետական գոյքի եւ կամ ազգային որեւէ արժէքի նկատմամբ: Փաստերը ցոյց կու տան, որ կարելի  է ակնկալել այսպիսի հիմնական մտայնութեան եւ մտածելակերպի յեղաշրջում Հայաստանի երիտասարդութեան մէջ. ՀԿներու միջոցով, այն աւելի հեշտութեամբ կարելի կը դառնայ:

ԱՐԴԱՐ ԵՒ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.- Գալով քաղաքական ընտրութիւններու իրաւացի, արդար ու թափանցիկ կատարուելուն, դարձեալ նախապայման է մտածելակերպի հիմնական փոփոխութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ իւրաքանչիւրին հայրենիքին տէր կանգնելու, իրարու իրաւունք յարգելու եւ տիրութեան հասկացողութիւնը հայրենիքի հանդէպ սրտանց որդեգրելու: Քաղաքացիի պարտականութիւններու խոր գիտակցութիւնը, որ ամէնուն համար կարեւորագոյն հիմնախնդիր պէտք է ըլլայ, իր երկրին բարգաւաճման եւ ժողովուրդին բարօրութեան համար, բնականօրէն կ՛առաջնորդէ ճիշդ մարդը ընտրելու եւ արդար քուէարկութիւն կատարելու որոշման: Վերջին տարիներու ընթացքին, ՀԿներու աշխուժացման պատճառով եւ իրենց կատարած գործունէութեան ազդեցութեան տակ, շատ մը երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներ արդէն կ՛առնչուին վերոյիշեալ դրական մտածելակերպին եւ մտայնութեան հետ, նոյնիսկ եթէ սկզբնական շրջանին իրենք չեն անդրադարձած այդ գործունէութեան կարեւորութեան:  Այդ իսկ պատճառով՝ անոնք անպայման պիտի շրջադարձային ազդեցութեամբ մը, բարենպաստ փոփոխութեան ենթարկուին:

Ահաւասիկ Վրաստանի համեմատաբար երիտասարդ իշխանութիւնները, որոնք լաւապէս ծանօթ են արդի նորարարական մտածելակերպին եւ իրաւ ժողովրդավարական մտայնութեան, գիտակցեցան երկրի կայունութեան եւ տնտեսութեան զարգացման կարեւորութիւնը, ծայրագոյն միջոցներու դիմեցին որպէսզի նուազի կաշառակերութիւնն ու ժողովուրդի կեղեքումը: Սանձուեցան շատ մը կեղեքիչներ եւ գողութիւնն ու աւազակութիւնը մեծապէս նուազեցաւ:

Ժողովրդավարական հիմունքներէն ամէնէն կարեւորը այն է, որ սահմանադրութիւնը պէտք է յարգուի որպէս օրէնքներու աղբիւրն ու հիմքը: Յաջորդը, ամէն քաղաքացի, իշխանաւոր կամ պաշտօնեայ, ռամիկ կամ «էլիտար», բոլորն ալ պէտք է երկիւղածութեամբ հետեւին անոր բառացի գործադրութեան, որպէսզի երկիրը դառնայ իրաւական՝ ժողովրդավար երկիր:

ՎԵՐæԱԲԱՆ. Յուսալի երեւոյթներ արդէն իսկ սկսած են նկատուիլ եւ դրական ուժականութեամբ բջիջներ բեղմնաւորուելու ճամբու վրայ են: Ամէն ինչ ժխտական եւ սեւ տեսնելն ու բողոքելը ոչ մէկ բարի նպատակի կրնայ ծառայել: Հայաստանը բոլոր հայերուն երկիրն է եւ ան կարիքը ունի բոլորին օգնութեան, անխտիր: Պէտք է թիկունք կանգնինք բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, որոնք շինիչ նպատակներով ուղղորդուած հասարակական գործ կը կատարեն եւ նպաստաւոր մթնոլորտ եւ ապրելակերպ ստեղծել կ՛աշխատին:  Վերջ ի վերջոյ, տակաւին քսան տարեկան երկրէ մը, որուն ժողովուրդը անպատմելի դժուարութիւններ տեսած եւ զարհուրելի օրեր ապրած է, կարելի չէ ակնկալել կատարելութիւն: Փոխանակ քննադատելու եւ միայն յոռի երեւոյթներու վրայ շեշտը դնելով հանրութեան սիրտը կոտրելու ՀՀ հանդէպ, ամբողջ հայութիւնը իր կարելին պէտք չէ խնայէ որեւէ դրական նպաստ բերելու իր հայրենիքի բարգաւաճման:

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ- Մեր Կորսուած Ու Վտանգուած Միլիոնները Վերականգնելու Առաջարկ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

…Ու երբ «Հայրենիք» անունը տըւինք հողին այս քարոտ,

«Մայրենի» դրինք անունը քո սուրբ։

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

ՏԱԳՆԱՊ. ԽՈՐՔ

ՈՒ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ընդունուած փաստ է, որ Թուրքիոյ ծրագրած ու իրագործած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տուած ենք շուրջ 1.5 միլիոն զոհ։ Այս թիւին վրայ կրնանք դիւրութեամբ աւելցնել կարճ ատեն առաջ կատարուած Համիտեան ջարդերու հարիւր հազարաւոր զոհերուն թիւերը։

Նմանապէս փաստացիօրէն արձանագրուած է, որ Թուրքիա բռնագրաւած է մեր պատմական հայրենիքին մեծագոյն բաժինը, Արեւմտեան Հայաստանով ու Կիլիկիայով, իսկ այսօրուան Հայաստանն ու ազատագրեալ Արցախը՝ միայն մէկ փոքր կոտորակն են մեր պատմական հայրենիքին։

Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն յստակ թիւը չունինք, կամ՝ տարբեր վիճակագրութիւններու հիմամբ ունինք տարբեր թիւեր, որոնք կը տարուբերին քանի մը տասնեակ հազարէն քանի մը հարիւր-հազարի միջեւ. վերապրողներու «ցուցակին» մաս կը կազմեն Ա. Աշխարհամարտէն ետք կիլիկեան քաղաքներ վերադարձող խլեակները, որոնք երկու տարի ետք մասնակի նոր ջարդերու պիտի ենթարկուէին ու պիտի բռնադատուէին երկրորդ – ու վերջնական – աքսորի, նաեւ՝ Արեւմտեան Հայաստանէն ալիք-ալիք բռնագաղթի ենթարկուողները՝ 1915-18 տարիներուն, անոնք՝ որ ապաստանեցան Արեւելեան Հայաստան ու միաձուլուեցան շրջանի հայութեան հետ («Արեւելեան վեց նահանգներ»էն ճողոպրած ու Արեւելեան Հայաստան ապաստանողներու ժառանգորդները մինչեւ այսօր ալ չեն մոռցած իրենց պատկանելիութիւնը, պատմականօրէն հայկական հողերուն նկատմամբ իրաւատիրութիւնը, թէեւ այս կամքը այսօր արտայայտութիւն չի գտներ այն ուժգնութեամբ, ինչ որ կը բնորոշէր 30ական, 50ական ու 70ական-80ական տարիները. փա՞ստ կ՛ուզէք. վերադարձէք այդ տարիներու մեր գրականութեան էջերուն, որոնք բազմաթիւ ձեւեր գտած են խորտակելու կարմիր կայսրութեան բանադրանքի պատնէշները…)։

Բաւական յստակ թիւեր ունինք նաեւ ստալինեան մողոքին մեր տուած զոհերու թիւին մասին. ըստ բաւականին ճշգրիտ թիւերով գիտենք Բ. Աշխարհամարտին մեր տուած զոհերուն քանակը եւս, ըլլա՛յ խորհրդային բանակին ճամբով, ըլլա՛յ արեւմտեան կողմն աշխարհի։

Մէկ խօսքով, մեր տուած զոհերուն՝ ջարդերու, հալածանքներու եւ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով ճանչցուած զոհերուն թիւերը ըստ բաւականին յստակ են։

Սակայն ո՞վ կրցած է կամ մտածած՝ հաշիւ պահելու (միթէ կարելի՞ է նման հաշիւ պահել) մեր միւս կորուստներուն մասին, որ ծանօթ է «Սպիտակ ջարդ» հասկացութեամբ։ Փաստօրէն, տուած ենք ու կը շարունակենք տալ մարմնապէս չջարդուած-չսպաննուած զոհեր, տագնապած ենք ու կը տագնապինք այդ զոհերով. կը տագնապինք մանաւանդ վերանկախացած Հայաստանի պարպումով, լաւ ըմբռնելով, որ արտագաղթի թափը հետզհետէ կ՛աւելնայ, հեռացողները կը մեկնին ընդհանրապէս չվերադառնալու տրամադրութեամբ, ներգաղթողներուն համեմատութիւնը մեկնողներուն մէկ փոքր կոտորակը կը կազմէ։ Հայրենիքէն հեռու ինկած-հեռացող՝ Արտերկրի հայութեան կը սպառնան ձուլում, հայկական արմատներէ հեռացում, անջատում, զանգուածային «տարբաղադրութիւն», ահագնացնելով «Սպիտակ æարդ»ի զոհերուն թիւը…։ Այս ընթացքը կը ստեղծէ ենթա-տագնապներ, զորս կարելի է կոչել տարբեր անուններով (տարբեր անունները չեն թեթեւցներ տագնապին տարողութիւնը, չեն փոխեր բնոյթը)։

Մօտիկ ու միջին անցեալի տուեալները, հայութեան ճակատագրուած պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, հաւանաբար կ՛արժէ գիտական ուսումնասիրութիւններ պատրաստել մեզ՝ իբրեւ ժողովուրդ մաշեցնող այս երկրորդ ընթացքին, այսինքն՝ բռնագաղթի, արտագաղթի իբրեւ անմիջական հետեւանք՝ աշխարհատարած հայութեան ձուլման ու թիւի նուազումին մասին։

Նման մատնանշում նորութիւն չէ. յաճախ անդրադարձած ենք այս ցաւին, բաղդատութիւններ կատարած՝ հայութեան տարեկից այլ ժողովուրդներու թիւի վերիվայրումներուն հետ. հասնելով մինչեւ հեռաւոր անցեալ՝ աչքի առջեւ ունեցած ենք պարսիկներու, յոյներու, հռոմէացիներու (որոնց բազմատասնեակ միլիոններով ժառանգորդները կը լեցնեն այսօրուան Իտալիան), հրեաներու, քիւրտերու, արաբներու, եւրոպական այլ երկիրներու եւ մինչեւ իսկ թուրքերու թիւի աճը, եւ իբրեւ մխիթարանք (անկասկած որ արդարօրէն)՝ արձանագրած ենք, որ հայութիւնը չէ հետեւած ասորիներու, աղքատներու, հիթիթներու, պոնտացիներու կամ պատմութեան անցած այլ ժողովուրդներու ցանկին։ Սակայն փաստը կը մնայ փաստ. թէ՛ հեռաւոր անցեալին, թէ՛ Ցեղասպանութենէն ետք, թէ՛ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին՝ վերջին քսան տարիներուն, հայութեան թուական աճը չէ ստացած բնական յաւելումի ընթացք. եթէ այսօրուան մեր անկախ հայրենիքին մէջ ունինք շուջ երեք միլիոն բնակիչ (ոմանք սա լաւատես թիւ կը նկատեն), որուն դիմաց, եթէ ընդունինք, որ Արտերկրի մէջ կը բնակին այդ թիւին կրկնապատիկը ու քիչ մըն ալ աւելին, մխիթարուելու շատ պատճառ չենք ունենար, որովհետեւ անցեալ տասնամեակները, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիները ցոյց տուած են, որ մեր ժողովուրդին մաշումը ստացած է յարաճուն թափ. այլ խօսքով, եթէ բռնագաղթի ենթակայ սերունդին մօտ ձուլման, օտարացումի ընթացքը առաջին տարիներուն դանդաղ էր, այդ ընթացքը տասնամեակ առ տասնամեակ ստացած է աւելի վտանգաւոր թափ։

Հարցում. Արեւելեան ու Արեւմտեան Եւրոպաներուն, Ամերիկաներուն, խորհրդային/նախկին խորհրդային երկիրներուն, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ Ցեղասպանութենէն ետք քանի՞ հայ իր ինքնութիւնը կորսնցուցած է, այս կամ այն պատճառներով հեռացած է մեր ժողովուրդէն, այսօր չի յիշեր, չի գիտեր, չէ ալ հետաքրքրուած, թէ իր նախահայրերէն ո՞րը հայ էր, քանի՞ սերունդ անցած է հայութեան պորտակապէն իր խզումէն ասդին։ (Բնականաբար ուրախալի երեւոյթ է, երբ նշանաւոր դարձած անձ մը օր մը պեղէ ու յայտնաբերէ իր հայկական անցեալը եւ ուզէ վերստին կապ մը ստեղծել իր արմատներուն հետ, բայց նման պարագաներ հազուադէպ են, անոնց բերած մխիթարանքի կաթիլը շուտով կը շոգիանայ…)։

Ամէնէն մակերեսային ուսումնասիրութիւնն անգամ մեզ դէմ յանդիման պիտի դնէ ողբերգական ահաւոր պատկերի մը. չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք, որ սուլթանական ու ժառանգորդ Թուրքիոյ, եւ Կարմիր Կայսրութեան խլած զոհերուն բազմապատիկը թիւով, այսինքն՝ տասնեակ միլիոններով հայեր զոհ գացած են «սպիտակ ջարդ»ին…։ Իսկ այսօր ապրող հայութենէն, վաղը՝ 20-40-60 կամ աւելի տարիներ ետք, քանի՞ նոր միլիոններ կուլ պիտի երթան մեզ մաշումի տանող իրերայաջորդ ալիքներուն։

ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԱՆԴԻՆ՝

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Այս վիճակը, այսինքն՝ մեր ժողովուրդի թիւին մաշումը մեզ կը դնէ ստեղծուած ընթացքը շրջելու եւ հայութեան մարդագրական պատկերը բարեշրջելու մարտահրաւէրին դիմաց։ Եւ այս մարտահրաւէրը ստիպուած ենք դիմագրաւել ճակատէն, արմատական ու համապարփակ միջոցներով, չբաւականանալով կիսամիջոցներով։

Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ ընդգծենք, որ մարտահրաւէրը ուղղուած է մեր ազգի բոլոր խաւերուն, շերտերուն, հատուածներուն. մարտահրաւէրին դէմ յանդիման ենք պետականօրէն, կազմակերպութեանց, միութեանց, ազգային հաստատութեանց, կրթական, ընտանեկան ու անհատական մակարդակներու վրայ։

Ձեռնածա՞լ ենք։

Ո՛չ. տագնապին ծաւալին ու տարողութեան ծանօթ ենք բոլորս, գոնէ բոլոր անոնք, որոնք մտահոգ են ազգի ճակատագիրով, անոնք ըլլան պետական ղեկավարներ, եկեղեցական ու միութենական առաջնորդներ, մտաւորականութիւն եւ հիմնախնդիրներուն դարմանումին նախանձախնդիր անհատներ ու խմբակցութիւններ։ Յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, տագնապին ստեղծած մտահոգութիններն ու ալիքները գործի լծած են եկեղեցական, կազմակերպութեանց առաջնորդներ ու ղեկավարութիւններ. ականատես ենք համագումարներու, գիտական մօտեցումով լուծումի փորձերու, բարձրագոյն մակարդակներէ արձակուած կոչերու, գործնական նախաձեռնութիւններու։ Այս բոլորը՝ շատ լաւ են, կենսական ու անյետաձգելի, սակայն բոլորս ալ կը զգանք, որ ի գործ դրուած ճիգերը կը թուին ստեղծել այնպիսի դանդաղ շարժում, որ կը նմանի ցեխի մէջ խրած ինքնաշարժի մը անիւին ինքն իր վրայ թաւալումին, ինքնաշարժը պահելով նոյն տեղը. հակառակ ի գործ դրուած ահագին ներուժին ու ճիգերուն, տրամադրուած վառելանիւթին, ինքնաշարժը չի յառաջարար այն թափով ու շարժունակութեամբ, ինչ որ անհրաժեշտ է ու սպասելի։

Յուսատու իրականութիւն է, որ մէկէ աւելի շրջագիծերու եւ մակարդակներու վրայ, համագումարներու, գիտաժողովներու եւ անոնցմէ բխող նախաձեռնութիւններու ճամբով, դարմանումի միջոցներու որոնում կը կատարուի ամէնուրեք։ Մամուլն ալ զգալի չափով մասնակից է որոնումին։ Դարմանումի միջոցներու մասին հրապարակ կը նետուին հիմնաւորուած առաջարկներ, կը ճշդուին առաջադրանքներ։ Այս բոլորը արդար են, արդարացի, ոչ մէկ կասկած՝ որ կը բխին նոյն սրտցաւութենէն, սակայն, ինչպէս նշեցինք, չենք շօշափեր սպասուած արդիւնքները, երբեմն ալ կը կանգնինք հիասթափութեան, յուսահատութեան ու անճրկումի սեմին։

ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ՄԵԿՆԱԿԷՏԸ

Մարտահրաւէրը արդիւնաւոր կերպով դիմագրաւելու եւ բարեշրջում յառաջացնելու համար, անհրաժեշտ է համախոհութիւն, համագործակցութիւն ու ճիգերու մէկտեղում՝ հիմնական մեկնակէտներու շուրջ։

Բոլոր ճիգերն ալ կարելի է համախմբել մէկ գլխաւոր հասարակ յայտարարի վրայ ու զայն որդեգրել իբրեւ միակ ու անխուսափելի մեկնակէտ։ Ըսենք ու կրկնենք յստակօրէն. մեր կորսուած ու կորսուելու վտանգին տակ եղող միլիոնները վերաշահելու միջոցներն են ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ։

Հաւանաբար չկայ հայ վաւերական բանաստեղծ մը, որ անդրադարձած չըլլայ մեր լեզուի դերին ու կարեւորութեան՝ մեր ժողովուրդի գոյատեւման, անցեալին ու ինքնութեան հետ հաղորդակցութեան, ինքնահարստացման, ինքնաճանաչումի դիտանկիւնէն։ Հայրենիքին ու Մայրենիին զուգորդումը ներբող մեր բանաստեղծներէն Վահագն Դաւթեանի «Ներբող Մայրենի Լեզուին» բանաստեղծութիւնը խտացում մը կարելի է նկատել վերը նշուած ճշմարտութեան. որ կը սկսի հետեւեալ հաստատումով.-

Դու՝ սէր առաջին, առաջին մորմոք, առաջին կարօտ,

Որ տառապանքով փոխուեցիր բառի ու դարձար լեզու…

Ու երբ «Հայրենիք» անունը տըւինք հողին այս քարոտ,

«Մայրենի» դրինք անունը քո սուրբ։

Այլ խօսքով, Հայրենիքն ու Մայրենին զիրար արժեւորող, զիրար ամբողջացնող ու զիրար պայմանաւորող արժէքներ են. առանց լեզուի՝ հայրենիքի գոյութիւնը կ՛իյնայ հարցականի տակ, առանց հայրենիքի՝ լեզուին մաշումը կը շարունակուի անխուսափելիօրէն ու, նայած զանազան պայմաններու, կրնայ ստանալ արագ թափ, արեւուն տակ ձգուած ձիւնամարդուն պէս (ի դէպ, Դաւթեան այս ճշմարտութիւնը հաստատող միակ մտաւորականը չէ. Խաչատուր Աբովեանէն առաջ ու ետք, բոլոր վաւերական գրողները միաձայն են այս կարմիր գիծին շուրջ)։

Անհրաժեշտ չենք նկատեր այս մասին երկարել մեր խօսքը, ոչ ալ կ՛ընդունինք վէճի մէջ մտնել նորելուկ եւ պարտուողական այն վարկածներուն հետ, ըստ որոնց՝ կարելի է տուեալ ժողովուրդի մը, մեր պարագային՝ հայութեան պատկանիլ ու գոյատեւել իբրեւ լիարժէք հայ, առանց հայերէնին իւրացման ու զայն մաշկի պէս հագուելու։ Այո, կարելի է որեւէ երկրին մէջ գտնել ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Աստուած հոգին լուսաւորէ «Ամէն Տեղ Հայ Կայ»ի հեղինակ Վահրամ Մաւեանին), որոնք առանց հայերէնի իմացութեան, լաւ հայեր են, սակայն նման բացառութիւններ չեն երաշխաւորեր ժողովուրդի մը գոյատեւումը, թիւին բնական աճը։

Կրկնենք. մեր կորսուած ու կորսուելիք միլիոնները վերագտնելու, վերականգնելու հիմնական միջոցը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն տարրական հայերէնի իմացութեան վերականգնումն ու ամրակայումն է։ Այլ խօսքով՝ կիսովին ձուլուած կամ ինքզինք հայ զգացող ոեւէ անհատի համար, հրամայական է հայախօսութիւնը, հայերէն կարդալն ու հայերէնով հաղորդակցիլը։

ԱՌԱæԱՐԿ

Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձէն երեք տարի հեռու ենք. Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի, արդէն իսկ սկսած ենք մեր թեւերը սօթտելու, որպէսզի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դրական անկիւնադարձի մը վերածուի քաղաքական, մշակութային թէ կարելի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Այդ աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն զուգահեռ, ու անոնցմէ առաջ իսկ, պէտք է ձեռնարկել գործնական բազմակողմանի ու բազմամակարդակ աշխատանքներու, որպէսզի 2015ին, աշխարհի տարածքին ապրող հայութիւնը՝ հայ մանուկը, պատանին, երիտասարդն ու երէցը Մայրենին որդեգրեն իբրեւ իրարու հետ հաղորդակցութեան, բայց մանաւանդ մեր մշակոյթին, պատմութեան ու Դատին հետ լիարժէքօրէն հաղորդակցելու միջոց։ Այսինքն՝ յառաջիկայ եռամեակը յայտարարել հայախօսութեան, հայերէնի ծանօթացման եւ իւրացման ժամանակաշրջան, հայերէնը հռչակել ինքնաճանաչման, մշակութային ու պատմական-ազգային հարստութեանց իւրացման բանալի։

(Վերջերս, բարեկամի մը հետ սրտցաւ խօսակցութեան մը պահուն, երբ շեշտը կը դնէինք հայութեան բոլոր զաւակներուն ուսերուն ինկող այս բնական ու անխուսափելի պարտականութեան վրայ, ան գլուխը շարժելով միայն սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնեց, աւելցնելով, որ նման քայլ ցնորական է ու բարեմիտ երազ, սակայն՝ անիրականալի, որովհետեւ օտարացումը, ձուլումն ու ինքնալքումը ստացած են այնպիսի ընթացք, որ դէպի բաղձալի ուղի շրջումը դարձած է անկարելի։ Նման սրտցաւ նշումներ կը լսենք ամէն տեղ, սփիւռքեան տարբեր երկինքներու տակ, անոնք կը հրամցուին իրապաշտութեան վերարկուով ու նոր աշխարհի իրականութեանց հետ հաշտուելու խրատականներով։ Նման եզրայանգումներ ու արժեւորումներ հասկնալի են ծանօթ իրականութեանց լոյսին տակ, սակայն մեզի համար ընդունելի չեն, մինչեւ իսկ եթէ «իրապաշտներ» չափազանցեալ իտէալապաշտութեամբ մեղադրեն մեզ ու մեզի պէս մտածողները)։

Առաջարկուած ձեւն ու աշխատանքը դիւրի՞ն են։

Բնականաբար ոչ, սակայն դժուարութիւնները երբէ՞ն ի վեր ձեռնաթափութեան մղած են անհատներ ու հաւաքականութիւններ ու ժողովուրդներ։ Կարեւոր է ունենալ կամք ու տեսլական, ու մանաւանդ բոլոր սերունդները այս ճշմարտութեան շուրջ համախմբելու համոզում, անկէ ետք, լեռներ շարժելն ու քարացնող-պարտուողական մտածելակերպեր խորտակելը կը դառնան աւելի դիւրին։

Պահ մը հարց տանք մենք մեզի. մանուկ, պատանի թէ երիտասարդ՝ անձ մը որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի նոր լեզու մը սորվելու համար (խօսքը չի վերաբերիր մասնագէտ լեզուագէտ դառնալուն, այլ իրեն անծանօթ լեզուի մը հիմնական բառամթերքին տիրանալուն, անոր միջոցով բանաւոր կերպով հաղորդակցելուն, թերթ-գիրք կարդալուն)։ Մեր ընտանեկան յարկերուն տակ փո՞քր է թիւը այն մանուկներուն ու պատանիներուն, երիտասարդներուն, որոնք երկու-երեք տարուան մէջ կը սորվին ԸՆՏՐՈՎԻ լեզու մը կամ մէկէ աւելի լեզուներ։ Իսկ որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի հայ անհատ մը՝ սորվելու եւ տիրանալու ընդունելի հայերէնի մը, որ իր սեփականն է, աչքը բացած է անոր մէջ ու յետոյ, օր մըն ալ, թերացումի այս կամ այն ճամբով, զայն դասած է «դժուար»ի ցանկին վրայ։

ՑՆՈՐԱԿԱ՞ՆԸ

Մեր ազգի թիւին բնական աճը ապահովելու եւ կորուստները վերականգնելու համար ցնորական է մտածել, թէ իրերայաջորդ սերունդներ հայերէնով վարակելէ այլ միջոց գոյութիւն ունի։

Ծիծաղելի ու իսկապէս ցնորական պիտի ըլլայ մտածել, օրինակի համար, թէ հայութեան թիւի աճը կարելի է ապահովել… ներածումով։ Կարելի է կօշիկ ու հագուստ-կապուստ ներածել, տնային սարքեր ներածել, ինքնաշարժ կամ կենսանիւթեր ներածել նիւթական միջոցներով, սակայն չէ պատահած, որ ժողովուրդի մը պակսող զաւակներուն դիմաց, այլ ժողովուրդէ մը մանուկներ կամ երիտասարդներ փոխ առնուին ու որդեգրուին զանգուածաբար։ Մինչեւ իսկ եթէ պահ մը երազենք, որ միլիառը անցած Հնդկաստանի կամ Չինաստանի բնակիչներէն զանգուածներ ընդունին հայերէն սորվիլ, անոնք Հայաստանին յառող հայեր պիտի չըլլան, այլ պիտի մնան հնդիկ ու չին…

Հայերէնի իմացութեան հրամայականէն խուսափում՝ պիտի նշանակէ ընդունիլ նաեւ հայրենիքին կորուստը, որովհետեւ ի՞նչ հայրենիք կը մնայ եւ ո՞ւր, եթէ անոր սեփականատէր ժողովուրդը արագ կամ դանդաղ թափով դադրի գոյութիւն ունենալէ։

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ

ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ

Մեր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրը պիտի դիմագրաւենք մեր ձեռքերով, հայութեան ԲՈԼՈՐ ձեռքերով, զուգահեռ գիծերու վրայ զիրար ամբողջացնող աշխատանքով, հետեւողականութեամբ, աննահանջ եւ յառաջատուական ընթացք տալով արդէն ճամբայ ելած երթին։

Եթէ մեզ 2015էն բաժնող երեք տարիները համատարած կերպով վերածենք  մայրենին մեր ապրող բոլոր սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու ժամանակաշրջանի, արդէն նուաճած կ՛ըլլանք մեծ իրագործում մը եւ շարժման մէջ դրած կ՛ըլլանք երթ մը, որ յամենայն դէպս չի սահմանափակուիր միայն երեք տարիով, այլ ճամբայ բացած կ՛ըլլայ անվերջանալի ճամբորդութեան մը, որ պիտի շարունակուի տասնամեակէ տասնամեակ, սերունդէ սերունդ, մեզ տանելով դէպի նոր հարիւրամեակներ ու դարաշրջաններ։

Այս նուաճումին համար, ազգը կազմող բոլոր առաջնորդող տարրերէն ոեւէ մէկուն բացակայութիւնը կամ կրաւորականութիւնը կը վնասէ ամբողջ առաջադրանքին։ Ի մտի ունինք ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցիները (առանց յարանուանական խտրութեան), ակումբ-կազմակերպութիւնները, միութիւնները, երիտասարդական բոլոր միաւորները, մասնագիտական ու արհեստակցական-արհեստագիտական խմբաւորումները, մէկ խօսքով՝ ազգը բաղկացնող բոլոր միաւորները։

Հրամայական է, որ ազգի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը նորահաս սերունդներուն համար ըլլան այն գործօնները, ազդակները, որոնք մանուկին ու պատանիին պիտի ներշնչեն, անոր մէջ արմատաւորեն մայրենիին իւրացման կարեւորութիւնը, իբրեւ գրաւական մեր գոյատեւման ու կորուստներու վերաշահման։ Առաջին քայլն է ինքնագիտակցութեան ու իմաստութեան սեմին հասնող մանուկին ու պատանիին ներշնչել այն՝ որ ինք կը պատկանի ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, հայութեան, ինչպէս որ արաբը կը պատկանի արաբ ժողովուրդին, ֆրանսացին՝ ֆրանսացի ժողովուրդին, սպանացին ու անգլիացին, իտալացին ու ճափոնացին՝ իրենց ժողովուրդներուն, եւս այսպէս՝ շարունակաբար, իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական հարստութիւնն ու ժառանգութիւնները, «Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում», սակայն նաեւ ամէն պատճառ ունինք մենք զմեզ չստորադասելու։ Մանուկին ու պատանիին պէտք է ներշնչել ու անոր մէջ արմատաւորել այն գիտակցութիւնը, հասկացողութիւնը, թէ ինք պատասխանատուութեան բաժին ունի մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու բազմացումին մէջ։ Նման ներշնչում ընկալելու ատակ է իւրաքանչիւր հայ պատանի ու երիտասարդ, նաեւ պատրաստ՝ ստանձնելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ. պէտք է երիտասարդութիւնը Մայրենիի՛ն ճամբով իրազեկ դարձնել իր ինքնութեան, ու վստահիլ անոր նախաձեռնութեան ոգիին։ Մեր մօտիկ անցեալին մէջ ալ վկայութիւններ ունինք այս ճշմարտութեան մասին, իսկ այսօր, ականատես ենք, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները հետզհետէ աւելի ու աւելի մեծ թիւերով կը ներգրաւուին մեր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ։ Այս սերունդներուն համար յստակ պէտք է ըլլայ, զանոնք պէտք է լուսաւորել այն գիտակցութեամբ, որ հայերէնի իմացութիւնն ու անոր ճամբով՝ մեր նիւթական ու աննիւթական ժառանգութեանց տիրացման երթը անբաժանելի մէկ մասնիկն է Հայ Դատին, առանց այս յենարանին ու հիմքերուն, մեր Դատն ալ կը վտանգուի շուտով, ինչպէս որ (նշեցինք արդէն) մաշումի ու վտանգի ենթակայ կը դառնայ մեր հայրենիքը. մինչդեռ, մենք դեռ ունինք անկատար տենչեր, ընդարձակուելու կարօտող հայրենիք…։ Երէց սերունդներուն կը մնայ այս ճշմարտութեան իրազեկ դարձնել նորեկներն ու յետնորդները՝ Հայաստանէն մինչեւ Աւստրալիա ու Ամերիկաներ, մինչեւ Եւրոպա ու Միջին Արեւելք, երիտասարդն ու պատանին ՄԱՍՆԱԿԻՑ դարձնել կորուստներու վերականգնումի երթին։

Այսպիսի դրական ալիքի մը ստեղծումը վստահաբար իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ներազգային եւ Հայաստան-Արտերկիր շինծու կամ պարտադրուած որեւէ հարցերու լուծման վրայ, ամրապնդելով ո՛չ միայն ազգը, այլ նաեւ հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ կամուրջները, միասնութիւնն ու միասնականութիւնը։

Այս մօտեցումներով է որ մեր աչքերը պիտի սեւեռենք 2015ին ու անկէ անդին։

Ամանորը Նոր Կեանքի Աւետիս
Ռ. ԿՈՐԻՒՆ

Ահաւասիկ Ամանորը աղաւնակերպ մուտք է գործում իւրաքանչիւրիս բնակարանը: Նա խաղաղութեամբ,

համեստութեամբ, արդարամտութեամբ, հրապոյրով եւ խոհերով է ներս մտնում: Ամանորին յաջորդում է Յիսուսի Ս.Ծնունդը, երկու ոգեւորութեան առիթ, վերանորոգ մտքի եւ հոգու տօներ.  ընդառաջ գնանք նրանց եւ մէկզմէկու շնորհաւորենք, քանի որ նրանք՝

Ուրախութեան աւետաբեր են,

Մէկզմէկու ոգեւորելու տօներ են:

Խաղաղութեան խորհրդանիշ  են,

Մէկզմէկու հաշտութեան տօներ են:

Հոգու մաքրութեան առաջնորդ  են,

Մէկզմէկու չարից հեռացնող տօներ են:

Յոյսի եւ հաւատքի երաշխիք են,

Մէկզմէկու վստահելու տօներ են:

Հաճութեան յար միջոց են,

Մէկզմէկու հաճելի լինելու տօներ են:

Ներողամտութեան յորդորիչ են,

Մէկզմէկու ներելու տօներ են:

Կարեկցանքի սփոփիչ են,

Մէկզմէկու օգնելու տօներ են:

Նւիրումի խորհուրդ  են,

Մէկզմէկու զոհողութեան տօներ են:

Պարտաւորութեանց առաջադրանք են,

Մէկզմէկու խոստումը կատարող տօներ են:

Նոր արարութեան ներշնչանք են,

Մէկզմէկու արարումով ուրախացող տօներ են:

Աշխատանքի մղիչ եռանդ են,

Մէկզմէկու քաջալերող տօներ են:

Մեծարանքի գերարժէք  են,

Մէկզմէկու արժեւորող տօներ են:

Հայրենիքն ու ազգը սիրելու տօներ են,

Մէկզմէկու պատուելու տօներ են:

Ահա, այս մտորումներով շնորհաւորում ենք Ամանորը եւ Ս. Ծնունդը, թող ժամանող տարին  նորանոր յաջողութիւններով Ձեր  կեանքը զուարթացնող ու ծաղկեցնող լինի:

Դեկտեմբերի, 2011

Սանլանդ, Լոս Անջելես

Մեր Կորսուած Ու Վտանգուած Միլիոնները Վերականգնելու Առաջարկ
…Ու երբ «Հայրենիք» անունը տըւինք հողին այս քարոտ,

«Մայրենի» դրինք անունը քո սուրբ։

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

ՏԱԳՆԱՊ. ԽՈՐՔ

ՈՒ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Ընդունուած փաստ է, որ Թուրքիոյ ծրագրած ու իրագործած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տուած ենք շուրջ 1.5 միլիոն զոհ։ Այս թիւին վրայ կրնանք դիւրութեամբ աւելցնել կարճ ատեն առաջ կատարուած Համիտեան æարդերու հարիւր հազարաւոր զոհերուն թիւերը։

Նմանապէս փաստացիօրէն արձանագրուած է, որ Թուրքիա բռնագրաւած է մեր պատմական հայրենիքին մեծագոյն բաժինը, Արեւմտեան Հայաստանով ու Կիլիկիայով, իսկ այսօրուան Հայաստանն ու ազատագրեալ Արցախը՝ միայն մէկ փոքր կոտորակն են մեր պատմական հայրենիքին։

Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն յստակ թիւը չունինք, կամ՝ տարբեր վիճակագրութիւններու հիմամբ ունինք տարբեր թիւեր, որոնք կը տարուբերին քանի մը տասնեակ հազարէն քանի մը հարիւր-հազարի միջեւ. վերապրողներու «ցուցակին» մաս կը կազմեն Ա. Աշխարհամարտէն ետք կիլիկեան քաղաքներ վերադարձող խլեակները, որոնք երկու տարի ետք մասնակի նոր ջարդերու պիտի ենթարկուէին ու պիտի բռնադատուէին երկրորդ – ու վերջնական  աքսորի, նաեւ՝ Արեւմտեան Հայաստանէն ալիք-ալիք բռնագաղթի ենթարկուողները՝ 1915-18 տարիներուն, անոնք՝ որ ապաստանեցան Արեւելեան Հայաստան ու միաձուլուեցան շրջանի հայութեան հետ («Արեւելեան վեց նահանգներ»էն ճողոպրած ու Արեւելեան Հայաստան ապաստանողներու ժառանգորդները մինչեւ այսօր ալ չեն մոռցած իրենց պատկանելիութիւնը, պատմականօրէն հայկական հողերուն նկատմամբ իրաւատիրութիւնը, թէեւ այս կամքը այսօր արտայայտութիւն չի գտներ այն ուժգնութեամբ, ինչ որ կը բնորոշէր 30ական, 50ական ու 70ական-80ական տարիները. փա՞ստ կ՛ուզէք. վերադարձէք այդ տարիներու մեր գրականութեան էջերուն, որոնք բազմաթիւ ձեւեր գտած են խորտակելու կարմիր կայսրութեան բանադրանքի պատնէշները…)։

Բաւական յստակ թիւեր ունինք նաեւ ստալինեան մողոքին մեր տուած զոհերու թիւին մասին. ըստ բաւականին ճշգրիտ թիւերով գիտենք Բ. Աշխարհամարտին մեր տուած զոհերուն քանակը եւս, ըլլա՛յ խորհրդային բանակին ճամբով, ըլլա՛յ արեւմտեան կողմն աշխարհի։

Մէկ խօսքով, մեր տուած զոհերուն՝ ջարդերու, հալածանքներու եւ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով ճանչցուած զոհերուն թիւերը ըստ բաւականին յստակ են։

Սակայն ո՞վ կրցած է կամ մտածած՝ հաշիւ պահելու (միթէ կարելի՞ է նման հաշիւ պահել) մեր միւս կորուստներուն մասին, որ ծանօթ է «Սպիտակ æարդ» հասկացութեամբ։ Փաստօրէն, տուած ենք ու կը շարունակենք տալ մարմնապէս չջարդուած-չսպաննուած զոհեր, տագնապած ենք ու կը տագնապինք այդ զոհերով. կը տագնապինք մանաւանդ վերանկախացած Հայաստանի պարպումով, լաւ ըմբռնելով, որ արտագաղթի թափը հետզհետէ կ՛աւելնայ, հեռացողները կը մեկնին ընդհանրապէս չվերադառնալու տրամադրութեամբ, ներգաղթողներուն համեմատութիւնը մեկնողներուն մէկ փոքր կոտորակը կը կազմէ։ Հայրենիքէն հեռու ինկած-հեռացող՝ Արտերկրի հայութեան կը սպառնան ձուլում, հայկական արմատներէ հեռացում, անջատում, զանգուածային «տարբաղադրութիւն», ահագնացնելով «Սպիտակ æարդ»ի զոհերուն թիւը…։ Այս ընթացքը կը ստեղծէ ենթա-տագնապներ, զորս կարելի է կոչել տարբեր անուններով (տարբեր անունները չեն թեթեւցներ տագնապին տարողութիւնը, չեն փոխեր բնոյթը)։

Մօտիկ ու միջին անցեալի տուեալները, հայութեան ճակատագրուած պայմանները աչքի առջեւ ունենալով, հաւանաբար կ՛արժէ գիտական ուսումնասիրութիւններ պատրաստել մեզ՝ իբրեւ ժողովուրդ մաշեցնող այս երկրորդ ընթացքին, այսինքն՝ բռնագաղթի, արտագաղթի իբրեւ անմիջական հետեւանք՝ աշխարհատարած հայութեան ձուլման ու թիւի նուազումին մասին։

Նման մատնանշում նորութիւն չէ. յաճախ անդրադարձած ենք այս ցաւին, բաղդատութիւններ կատարած՝ հայութեան տարեկից այլ ժողովուրդներու թիւի վերիվայրումներուն հետ. հասնելով մինչեւ հեռաւոր անցեալ՝ աչքի առջեւ ունեցած ենք պարսիկներու, յոյներու, հռոմէացիներու (որոնց բազմատասնեակ միլիոններով ժառանգորդները կը լեցնեն այսօրուան Իտալիան), հրեաներու, քիւրտերու, արաբներու, եւրոպական այլ երկիրներու եւ մինչեւ իսկ թուրքերու թիւի աճը, եւ իբրեւ մխիթարանք (անկասկած որ արդարօրէն)՝ արձանագրած ենք, որ հայութիւնը չէ հետեւած ասորիներու, աղքատներու, հիթիթներու, պոնտացիներու կամ պատմութեան անցած այլ ժողովուրդներու ցանկին։ Սակայն փաստը կը մնայ փաստ. թէ՛ հեռաւոր անցեալին, թէ՛ Ցեղասպանութենէն ետք, թէ՛ Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին՝ վերջին քսան տարիներուն, հայութեան թուական աճը չէ ստացած բնական յաւելումի ընթացք. եթէ այսօրուան մեր անկախ հայրենիքին մէջ ունինք շուջ երեք միլիոն բնակիչ (ոմանք սա լաւատես թիւ կը նկատեն), որուն դիմաց, եթէ ընդունինք, որ Արտերկրի մէջ կը բնակին այդ թիւին կրկնապատիկը ու քիչ մըն ալ աւելին, մխիթարուելու շատ պատճառ չենք ունենար, որովհետեւ անցեալ տասնամեակները, մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիները ցոյց տուած են, որ մեր ժողովուրդին մաշումը ստացած է յարաճուն թափ. այլ խօսքով, եթէ բռնագաղթի ենթակայ սերունդին մօտ ձուլման, օտարացումի ընթացքը առաջին տարիներուն դանդաղ էր, այդ ընթացքը տասնամեակ առ տասնամեակ ստացած է աւելի վտանգաւոր թափ։

Հարցում. Արեւելեան ու Արեւմտեան Եւրոպաներուն, Ամերիկաներուն, խորհրդային/նախկին խորհրդային երկիրներուն, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ Ցեղասպանութենէն ետք քանի՞ հայ իր ինքնութիւնը կորսնցուցած է, այս կամ այն պատճառներով հեռացած է մեր ժողովուրդէն, այսօր չի յիշեր, չի գիտեր, չէ ալ հետաքրքրուած, թէ իր նախահայրերէն ո՞րը հայ էր, քանի՞ սերունդ անցած է հայութեան պորտակապէն իր խզումէն ասդին։ (Բնականաբար ուրախալի երեւոյթ է, երբ նշանաւոր դարձած անձ մը օր մը պեղէ ու յայտնաբերէ իր հայկական անցեալը եւ ուզէ վերստին կապ մը ստեղծել իր արմատներուն հետ, բայց նման պարագաներ հազուադէպ են, անոնց բերած մխիթարանքի կաթիլը շուտով կը շոգիանայ…)։

Ամէնէն մակերեսային ուսումնասիրութիւնն անգամ մեզ դէմ յանդիման պիտի դնէ ողբերգական ահաւոր պատկերի մը. չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք, որ սուլթանական ու ժառանգորդ Թուրքիոյ, եւ Կարմիր Կայսրութեան խլած զոհերուն բազմապատիկը թիւով, այսինքն՝ տասնեակ միլիոններով հայեր զոհ գացած են «սպիտակ ջարդ»ին…։ Իսկ այսօր ապրող հայութենէն, վաղը՝ 20-40-60 կամ աւելի տարիներ ետք, քանի՞ նոր միլիոններ կուլ պիտի երթան մեզ մաշումի տանող իրերայաջորդ ալիքներուն։

ՏԱԳՆԱՊԷՆ ԱՆԴԻՆ՝

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Այս վիճակը, այսինքն՝ մեր ժողովուրդի թիւին մաշումը մեզ կը դնէ ստեղծուած ընթացքը շրջելու եւ հայութեան մարդագրական պատկերը բարեշրջելու մարտահրաւէրին դիմաց։ Եւ այս մարտահրաւէրը ստիպուած ենք դիմագրաւել ճակատէն, արմատական ու համապարփակ միջոցներով, չբաւականանալով կիսամիջոցներով։

Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, եթէ ընդգծենք, որ մարտահրաւէրը ուղղուած է մեր ազգի բոլոր խաւերուն, շերտերուն, հատուածներուն. մարտահրաւէրին դէմ յանդիման ենք պետականօրէն, կազմակերպութեանց, միութեանց, ազգային հաստատութեանց, կրթական, ընտանեկան ու անհատական մակարդակներու վրայ։

Ձեռնածա՞լ ենք։

Ո՛չ. տագնապին ծաւալին ու տարողութեան ծանօթ ենք բոլորս, գոնէ բոլոր անոնք, որոնք մտահոգ են ազգի ճակատագիրով, անոնք ըլլան պետական ղեկավարներ, եկեղեցական ու միութենական առաջնորդներ, մտաւորականութիւն եւ հիմնախնդիրներուն դարմանումին նախանձախնդիր անհատներ ու խմբակցութիւններ։ Յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն, տագնապին ստեղծած մտահոգութիններն ու ալիքները գործի լծած են եկեղեցական, կազմակերպութեանց առաջնորդներ ու ղեկավարութիւններ. ականատես ենք համագումարներու, գիտական մօտեցումով լուծումի փորձերու, բարձրագոյն մակարդակներէ արձակուած կոչերու, գործնական նախաձեռնութիւններու։ Այս բոլորը՝ շատ լաւ են, կենսական ու անյետաձգելի, սակայն բոլորս ալ կը զգանք, որ ի գործ դրուած ճիգերը կը թուին ստեղծել այնպիսի դանդաղ շարժում, որ կը նմանի ցեխի մէջ խրած ինքնաշարժի մը անիւին ինքն իր վրայ թաւալումին, ինքնաշարժը պահելով նոյն տեղը. հակառակ ի գործ դրուած ահագին ներուժին ու ճիգերուն, տրամադրուած վառելանիւթին, ինքնաշարժը չի յառաջարար այն թափով ու շարժունակութեամբ, ինչ որ անհրաժեշտ է ու սպասելի։

Յուսատու իրականութիւն է, որ մէկէ աւելի շրջագիծերու եւ մակարդակներու վրայ, համագումարներու, գիտաժողովներու եւ անոնցմէ բխող նախաձեռնութիւններու ճամբով, դարմանումի միջոցներու որոնում կը կատարուի ամէնուրեք։ Մամուլն ալ զգալի չափով մասնակից է որոնումին։ Դարմանումի միջոցներու մասին հրապարակ կը նետուին հիմնաւորուած առաջարկներ, կը ճշդուին առաջադրանքներ։ Այս բոլորը արդար են, արդարացի, ոչ մէկ կասկած՝ որ կը բխին նոյն սրտցաւութենէն, սակայն, ինչպէս նշեցինք, չենք շօշափեր սպասուած արդիւնքները, երբեմն ալ կը կանգնինք հիասթափութեան, յուսահատութեան ու անճրկումի սեմին։

ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ՄԵԿՆԱԿԷՏԸ

Մարտահրաւէրը արդիւնաւոր կերպով դիմագրաւելու եւ բարեշրջում յառաջացնելու համար, անհրաժեշտ է համախոհութիւն, համագործակցութիւն ու ճիգերու մէկտեղում՝ հիմնական մեկնակէտներու շուրջ։

Բոլոր ճիգերն ալ կարելի է համախմբել մէկ գլխաւոր հասարակ յայտարարի վրայ ու զայն որդեգրել իբրեւ միակ ու անխուսափելի մեկնակէտ։ Ըսենք ու կրկնենք յստակօրէն. մեր կորսուած ու կորսուելու վտանգին տակ եղող միլիոնները վերաշահելու միջոցներն են ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ։

Հաւանաբար չկայ հայ վաւերական բանաստեղծ մը, որ անդրադարձած չըլլայ մեր լեզուի դերին ու կարեւորութեան՝ մեր ժողովուրդի գոյատեւման, անցեալին ու ինքնութեան հետ հաղորդակցութեան, ինքնահարստացման, ինքնաճանաչումի դիտանկիւնէն։ Հայրենիքին ու Մայրենիին զուգորդումը ներբող մեր բանաստեղծներէն Վահագն Դաւթեանի «Ներբող Մայրենի Լեզուին» բանաստեղծութիւնը խտացում մը կարելի է նկատել վերը նշուած ճշմարտութեան. որ կը սկսի հետեւեալ հաստատումով.-

Դու՝ սէր առաջին, առաջին մորմոք, առաջին կարօտ,

Որ տառապանքով փոխուեցիր բառի ու դարձար լեզու…

Ու երբ «Հայրենիք» անունը տըւինք հողին այս քարոտ,

«Մայրենի» դրինք անունը քո սուրբ։

Այլ խօսքով, Հայրենիքն ու Մայրենին զիրար արժեւորող, զիրար ամբողջացնող ու զիրար պայմանաւորող արժէքներ են. առանց լեզուի՝ հայրենիքի գոյութիւնը կ՛իյնայ հարցականի տակ, առանց հայրենիքի՝ լեզուին մաշումը կը շարունակուի անխուսափելիօրէն ու, նայած զանազան պայմաններու, կրնայ ստանալ արագ թափ, արեւուն տակ ձգուած ձիւնամարդուն պէս (ի դէպ, Դաւթեան այս ճշմարտութիւնը հաստատող միակ մտաւորականը չէ. Խաչատուր Աբովեանէն առաջ ու ետք, բոլոր վաւերական գրողները միաձայն են այս կարմիր գիծին շուրջ)։

Անհրաժեշտ չենք նկատեր այս մասին երկարել մեր խօսքը, ոչ ալ կ՛ընդունինք վէճի մէջ մտնել նորելուկ եւ պարտուողական այն վարկածներուն հետ, ըստ որոնց՝ կարելի է տուեալ ժողովուրդի մը, մեր պարագային՝ հայութեան պատկանիլ ու գոյատեւել իբրեւ լիարժէք հայ, առանց հայերէնին իւրացման ու զայն մաշկի պէս հագուելու։ Այո, կարելի է որեւէ երկրին մէջ գտնել ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Աստուած հոգին լուսաւորէ «Ամէն Տեղ Հայ Կայ»ի հեղինակ Վահրամ Մաւեանին), որոնք առանց հայերէնի իմացութեան, լաւ հայեր են, սակայն նման բացառութիւններ չեն երաշխաւորեր ժողովուրդի մը գոյատեւումը, թիւին բնական աճը։

Կրկնենք. մեր կորսուած ու կորսուելիք միլիոնները վերագտնելու, վերականգնելու հիմնական միջոցը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն տարրական հայերէնի իմացութեան վերականգնումն ու ամրակայումն է։ Այլ խօսքով՝ կիսովին ձուլուած կամ ինքզինք հայ զգացող ոեւէ անհատի համար, հրամայական է հայախօսութիւնը, հայերէն կարդալն ու հայերէնով հաղորդակցիլը։

ԱՌԱæԱՐԿ

Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձէն երեք տարի հեռու ենք. Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի, արդէն իսկ սկսած ենք մեր թեւերը սօթտելու, որպէսզի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դրական անկիւնադարձի մը վերածուի քաղաքական, մշակութային թէ կարելի բոլոր ոլորտներուն մէջ։ Այդ աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն զուգահեռ, ու անոնցմէ առաջ իսկ, պէտք է ձեռնարկել գործնական բազմակողմանի ու բազմամակարդակ աշխատանքներու, որպէսզի 2015ին, աշխարհի տարածքին ապրող հայութիւնը՝ հայ մանուկը, պատանին, երիտասարդն ու երէցը Մայրենին որդեգրեն իբրեւ իրարու հետ հաղորդակցութեան, բայց մանաւանդ մեր մշակոյթին, պատմութեան ու Դատին հետ լիարժէքօրէն հաղորդակցելու միջոց։ Այսինքն՝ յառաջիկայ եռամեակը յայտարարել հայախօսութեան, հայերէնի ծանօթացման եւ իւրացման ժամանակաշրջան, հայերէնը հռչակել ինքնաճանաչման, մշակութային ու պատմական-ազգային հարստութեանց իւրացման բանալի։

(Վերջերս, բարեկամի մը հետ սրտցաւ խօսակցութեան մը պահուն, երբ շեշտը կը դնէինք հայութեան բոլոր զաւակներուն ուսերուն ինկող այս բնական ու անխուսափելի պարտականութեան վրայ, ան գլուխը շարժելով միայն սկզբունքային համաձայնութիւն յայտնեց, աւելցնելով, որ նման քայլ ցնորական է ու բարեմիտ երազ, սակայն՝ անիրականալի, որովհետեւ օտարացումը, ձուլումն ու ինքնալքումը ստացած են այնպիսի ընթացք, որ դէպի բաղձալի ուղի շրջումը դարձած է անկարելի։ Նման սրտցաւ նշումներ կը լսենք ամէն տեղ, սփիւռքեան տարբեր երկինքներու տակ, անոնք կը հրամցուին իրապաշտութեան վերարկուով ու նոր աշխարհի իրականութեանց հետ հաշտուելու խրատականներով։ Նման եզրայանգումներ ու արժեւորումներ հասկնալի են ծանօթ իրականութեանց լոյսին տակ, սակայն մեզի համար ընդունելի չեն, մինչեւ իսկ եթէ «իրապաշտներ» չափազանցեալ իտէալապաշտութեամբ մեղադրեն մեզ ու մեզի պէս մտածողները)։

Առաջարկուած ձեւն ու աշխատանքը դիւրի՞ն են։

Բնականաբար ոչ, սակայն դժուարութիւնները երբէ՞ն ի վեր ձեռնաթափութեան մղած են անհատներ ու հաւաքականութիւններ ու ժողովուրդներ։ Կարեւոր է ունենալ կամք ու տեսլական, ու մանաւանդ բոլոր սերունդները այս ճշմարտութեան շուրջ համախմբելու համոզում, անկէ ետք, լեռներ շարժելն ու քարացնող-պարտուողական մտածելակերպեր խորտակելը կը դառնան աւելի դիւրին։

Պահ մը հարց տանք մենք մեզի. մանուկ, պատանի թէ երիտասարդ՝ անձ մը որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի նոր լեզու մը սորվելու համար (խօսքը չի վերաբերիր մասնագէտ լեզուագէտ դառնալուն, այլ իրեն անծանօթ լեզուի մը հիմնական բառամթերքին տիրանալուն, անոր միջոցով բանաւոր կերպով հաղորդակցելուն, թերթ-գիրք կարդալուն)։ Մեր ընտանեկան յարկերուն տակ փո՞քր է թիւը այն մանուկներուն ու պատանիներուն, երիտասարդներուն, որոնք երկու-երեք տարուան մէջ կը սորվին ԸՆՏՐՈՎԻ լեզու մը կամ մէկէ աւելի լեզուներ։ Իսկ որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի հայ անհատ մը՝ սորվելու եւ տիրանալու ընդունելի հայերէնի մը, որ իր սեփականն է, աչքը բացած է անոր մէջ ու յետոյ, օր մըն ալ, թերացումի այս կամ այն ճամբով, զայն դասած է «դժուար»ի ցանկին վրայ։

ՑՆՈՐԱԿԱ՞ՆԸ

Մեր ազգի թիւին բնական աճը ապահովելու եւ կորուստները վերականգնելու համար ցնորական է մտածել, թէ իրերայաջորդ սերունդներ հայերէնով վարակելէ այլ միջոց գոյութիւն ունի։

Ծիծաղելի ու իսկապէս ցնորական պիտի ըլլայ մտածել, օրինակի համար, թէ հայութեան թիւի աճը կարելի է ապահովել… ներածումով։ Կարելի է կօշիկ ու հագուստ-կապուստ ներածել, տնային սարքեր ներածել, ինքնաշարժ կամ կենսանիւթեր ներածել նիւթական միջոցներով, սակայն չէ պատահած, որ ժողովուրդի մը պակսող զաւակներուն դիմաց, այլ ժողովուրդէ մը մանուկներ կամ երիտասարդներ փոխ առնուին ու որդեգրուին զանգուածաբար։ Մինչեւ իսկ եթէ պահ մը երազենք, որ միլիառը անցած Հնդկաստանի կամ Չինաստանի բնակիչներէն զանգուածներ ընդունին հայերէն սորվիլ, անոնք Հայաստանին յառող հայեր պիտի չըլլան, այլ պիտի մնան հնդիկ ու չին…

Հայերէնի իմացութեան հրամայականէն խուսափում՝ պիտի նշանակէ ընդունիլ նաեւ հայրենիքին կորուստը, որովհետեւ ի՞նչ հայրենիք կը մնայ եւ ո՞ւր, եթէ անոր սեփականատէր ժողովուրդը արագ կամ դանդաղ թափով դադրի գոյութիւն ունենալէ։

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

ՊԻՏԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ

ՄԵՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ

Մեր դիմաց ցցուող մարտահրաւէրը պիտի դիմագրաւենք մեր ձեռքերով, հայութեան ԲՈԼՈՐ ձեռքերով, զուգահեռ գիծերու վրայ զիրար ամբողջացնող աշխատանքով, հետեւողականութեամբ, աննահանջ եւ յառաջատուական ընթացք տալով արդէն ճամբայ ելած երթին։

Եթէ մեզ 2015էն բաժնող երեք տարիները համատարած կերպով վերածենք  մայրենին մեր ապրող բոլոր սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու ժամանակաշրջանի, արդէն նուաճած կ՛ըլլանք մեծ իրագործում մը եւ շարժման մէջ դրած կ՛ըլլանք երթ մը, որ յամենայն դէպս չի սահմանափակուիր միայն երեք տարիով, այլ ճամբայ բացած կ՛ըլլայ անվերջանալի ճամբորդութեան մը, որ պիտի շարունակուի տասնամեակէ տասնամեակ, սերունդէ սերունդ, մեզ տանելով դէպի նոր հարիւրամեակներ ու դարաշրջաններ։

Այս նուաճումին համար, ազգը կազմող բոլոր առաջնորդող տարրերէն ոեւէ մէկուն բացակայութիւնը կամ կրաւորականութիւնը կը վնասէ ամբողջ առաջադրանքին։ Ի մտի ունինք ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցիները (առանց յարանուանական խտրութեան), ակումբ-կազմակերպութիւնները, միութիւնները, երիտասարդական բոլոր միաւորները, մասնագիտական ու արհեստակցական-արհեստագիտական խմբաւորումները, մէկ խօսքով՝ ազգը բաղկացնող բոլոր միաւորները։

Հրամայական է, որ ազգի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը նորահաս սերունդներուն համար ըլլան այն գործօնները, ազդակները, որոնք մանուկին ու պատանիին պիտի ներշնչեն, անոր մէջ արմատաւորեն մայրենիին իւրացման կարեւորութիւնը, իբրեւ գրաւական մեր գոյատեւման ու կորուստներու վերաշահման։ Առաջին քայլն է ինքնագիտակցութեան ու իմաստութեան սեմին հասնող մանուկին ու պատանիին ներշնչել այն՝ որ ինք կը պատկանի ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, հայութեան, ինչպէս որ արաբը կը պատկանի արաբ ժողովուրդին, ֆրանսացին՝ ֆրանսացի ժողովուրդին, սպանացին ու անգլիացին, իտալացին ու ճափոնացին՝ իրենց ժողովուրդներուն, եւս այսպէս՝ շարունակաբար, իւրաքանչիւրը ունի իր սեփական հարստութիւնն ու ժառանգութիւնները, «Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում», սակայն նաեւ ամէն պատճառ ունինք մենք զմեզ չստորադասելու։ Մանուկին ու պատանիին պէտք է ներշնչել ու անոր մէջ արմատաւորել այն գիտակցութիւնը, հասկացողութիւնը, թէ ինք պատասխանատուութեան բաժին ունի մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու բազմացումին մէջ։ Նման ներշնչում ընկալելու ատակ է իւրաքանչիւր հայ պատանի ու երիտասարդ, նաեւ պատրաստ՝ ստանձնելու ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ. պէտք է երիտասարդութիւնը Մայրենիի՛ն ճամբով իրազեկ դարձնել իր ինքնութեան, ու վստահիլ անոր նախաձեռնութեան ոգիին։ Մեր մօտիկ անցեալին մէջ ալ վկայութիւններ ունինք այս ճշմարտութեան մասին, իսկ այսօր, ականատես ենք, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները հետզհետէ աւելի ու աւելի մեծ թիւերով կը ներգրաւուին մեր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ։ Այս սերունդներուն համար յստակ պէտք է ըլլայ, զանոնք պէտք է լուսաւորել այն գիտակցութեամբ, որ հայերէնի իմացութիւնն ու անոր ճամբով՝ մեր նիւթական ու աննիւթական ժառանգութեանց տիրացման երթը անբաժանելի մէկ մասնիկն է Հայ Դատին, առանց այս յենարանին ու հիմքերուն, մեր Դատն ալ կը վտանգուի շուտով, ինչպէս որ (նշեցինք արդէն) մաշումի ու վտանգի ենթակայ կը դառնայ մեր հայրենիքը. մինչդեռ, մենք դեռ ունինք անկատար տենչեր, ընդարձակուելու կարօտող հայրենիք…։ Երէց սերունդներուն կը մնայ այս ճշմարտութեան իրազեկ դարձնել նորեկներն ու յետնորդները՝ Հայաստանէն մինչեւ Աւստրալիա ու Ամերիկաներ, մինչեւ Եւրոպա ու Միջին Արեւելք, երիտասարդն ու պատանին ՄԱՍՆԱԿԻՑ դարձնել կորուստներու վերականգնումի երթին։

Այսպիսի դրական ալիքի մը ստեղծումը վստահաբար իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ներազգային եւ Հայաստան-Արտերկիր շինծու կամ պարտադրուած որեւէ հարցերու լուծման վրայ, ամրապնդելով ո՛չ միայն ազգը, այլ նաեւ հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ կամուրջները, միասնութիւնն ու միասնականութիւնը։

Այս մօտեցումներով է որ մեր աչքերը պիտի սեւեռենք 2015ին ու անկէ անդին։

Բարձրակարգ Արհեստագիտութեան Ներկայութիւնը Ուսումնակրթական Ոլորտում
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (HIGH TECH) ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔՈՒՄ

Չորս տարի առաջ մի յօդուած էի գրել բարձրակարգ արհեստագիտութեան (High Tech) մասին, որում խորին համոզմամբ հաստատել էի այն փաստը, որ 21րդ դարը գիտական նուաճումների պատմութեան մէջ արձանագրուելու է իբրեւ համակարգչային յեղափոխութեան դար: Եւ իրաւա՛մբ, անցնող չորս տարիների ընթացքում ականատես եղանք այդ յեղափոխութեան ծալքերի ընդլայնմանն ու տարածմանը, ո՛չ միայն գիտական ու կրթական, այլ նաեւ՝ մեր առօրեայ կեանքի ոլորտներում:

Բարձրակարգ արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնների շնորհիւ, շատերն այլեւս իրենց զանազան վճարումները՝ ընդհուպ մինչեւ տան գրաւադրման փոխառութեան (Mortgage), ելեկտրահոսանքի, ջրի, հեռախօսի, գազամատակարարման, ապահովագրութեան, վարկաքարտերի (Credit Card) ամսավճարներն ու դրամատնային բոլոր գործարքները կատարում են համակարգչով: Իսկ բջջային հեռախօսների սրընթաց զարգացմամբ այսօր կարելի է այդ բոլոր վճարումները կատարել ձեռքի փոքրիկ հեռախօսներով:

Իսկ անհաւատալի են կրթութեան ու գիտութեան բնագաւառներում արհեստագիտութեան արձանագրած նորարարութիւններն ու նուաճումները: Գիտելիքների անծայրածիր շտեմարան է դարձել համացանցը, որի կայքէջերում կարելի է գտնել ցանկացած տեղեկութիւն, մանրամասնութիւն, ուսումնասիրութիւն, գիտաշխատութիւն, գիտական ու մասնագիտական ամենաբազմաբնոյթ նիւթերի մասին: Այդ շտեմարանում սկսել է իր ուրոյն տեղը գտնել Kindle կոչուող համացանցային ձեռքի գրադարանը, որով կարելի է կարդալ գրքեր, թերթեր, պարբերականներ, եւ թուայնացուած (digital) այլ նիւթեր ու տեղեկութիւններ:

Բարձրակարգ արհեստագիտութեան նորարութիւնները լայն ընդառաջում են գտել նաեւ հայկական մասնագիտական շրջանակներում, որոնց ներդրումների ու համագործակցութեան շնորհիւ, այսօր Google-ով, YouTube-ով, Firefox-ով, Ask-ով, Yahoo-ով կամ ցանկացած որոնման ծրագրով կարելի է համացանցային ուսումնասիրական որոնում անել հայերէն տառերով եւ հայկական բազմահազար կայքէջեր գտնել: Եթէ չորս տարի առաջ Google-ում տեղակայուած էր հայութեանը վերաբերող 15,200,000 կայքէջ, ապա այսօր այդ թիւը անցել է 187,000,000ը, եթէ Yahoo-ում չորս տարի առաջ այդ թիւը 20,600,000 էր, այսօր այն հասել է 50,200,000ի, իսկ  YouTube-ում հայկական զանազան նիւթերի մասին տեղադրուած տեսանիւթերը աւելի քան 205,000 են: Հայկական նիւթերի համացանցային այս վիթխարի շտեմարանում, որին մաս են կազմում նաեւ հայկական թուայնացուած հարուստ գրադարանները, կան կրթական ու ուսումնական հարուստ տեղեկութիւններ ու օգտագործելի աղբիւրներ, որոնք կարող են մեծապէս նպաստել հայերէն առարկաների ուսուցմանը մեր վարժարաններում: Անձնական փորձից ելնելով, այն եզրակացութեան եմ յանգել, որ համակարգչային եւ համացանցային հնարաւորութիւնների օգտագործմամբ նոր սերնդի համար մայրենի լեզուի սերտումը շատ աւելի հետաքրքրական ու հրապուրիչ է դառնում:

ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԳՐԱՏԱԽՏԱԿԸ (SMART BOARD) ԴԱՍԱՐԱՆՈՒՄ

Արհեստագիտական աշխարհի զարմանահրաշ նորարարութիւններից է նաեւ համակարգչային գրատախտակը (Smart Board), որը հիմնականում համակարգչի, համացանցի եւ գրատախտակի համադրումն է՝ համապատասխան յարմարանքներով ու հնարաւորութիւններով: Յատկանշելի է, որ համակարգչային գրատախտակը հիմնականում ստեղծուել է ո՛չ թէ հայերէնի, այլ անգլերէնով դասաւանդուող առարկաների համար: Պարզապէս գրատախտակի որոնման ծրագրում որեւէ նիւթ

տեղակայուած չէ հայերէնի կամ ընդհանրապէս հայութեան մասին: Այնուամենայնիւ, գրատախտակի համացանցային եւ համակարգչային կապուղիները հնարաւոր են դարձնում առատ ու հարուստ նիւթեր ներլցնել գրատախտակի շտեմարանում՝ այն վերածելով նաեւ հայերէնի օգտագործման միջոցի: Հայերէնի ուսուցման համար համակարգչային գրատախտակը նաեւ կարող է ծառայել իբրեւ լեզուի տարրալուծարան (Language Laboratory), ընդ որում աշակերտները կարող են ո՛չ միայն առոգանական ճիշդ շեշտաւորմամբ լսել ուսուցչի ընտրած տեսանիւթը, այլ նաեւ դիտել, տպաւորուիլ եւ լիարժէքօրէն իւրացնել:

Սփիւռքում, այդ թւում՝ Միացեալ Նահանգներում, համատարած մտահոգութիւն է դարձել հայախօսութեան նուազումը (չասելու համար անկումը) նոր սերնդի մօտ: Ես անձնապէս չեմ մեղադրում, որ նոր սերունդը դժուարանում է կամ չի կարողանում հայերէնով հաղորդակցուել: Փաստօրէն մեր երեխաները առիթը չեն ունենում կամ նրանց առիթը չի ընձեռւում բաւարարաչափ հայերէն լսելու օրուայ ընթացքում: Հանրային վայրերում նրանց լսածը հայերէն չէ, զանգուածային հեռահաղորդակցական միջոցներով հնչածը հայերէն չէ, ընկերական շրջանակում, միութենական միջավայրում, կրթական կեանքում եւ երբեմն նոյնիսկ ընտանեկան յարկի տակ իրենց ականջներին հասածը հայերէն չէ: Արդիւնքում՝ երեխայի ուղեղում զարգացող ու հիմնաւորուող լեզուամտածողութիւնը հայերէնի հենք չի ունենում, պարզ ասած, հայերէնի բառ ու բանը չի արմատաւորւում նրա մէջ  եւ երեխան արտայայտուելիս, ենթագիտակցաբար օգտագործում է իր լսած ու մտքում ամբարած այլ լեզուի բառ ու բանը: Ահա թէ ինչո՛ւ, անհրաժեշտ է լեզուի տարրալուծարանի հիմնումը, որի բացակայութիւնը մասամբ կարողանում է վերացնել համակարգչային գրատախտակը:

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ

ԽԱՂԵՐԻ ԸՆՁԵՌԱԾ

ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մանկավարժները աշակերտի ուսումնառութեան կրթական գործընթացում չափազանց կարեւորութիւն են տալիս խաղերով դասը սերտելու գործելաձեւին: Ինչպէս նշել է Օննիկ Բադալեանը մանկավարժական հարցերի վերաբերեալ կատարած իր ուսումնասիրութեան մէջ խաղերը սոսկ դասը հետաքրքրաշարժ, զուարճալի ու բազմերանգ դարձնելու համար չեն, այլ դրանք հաղորդում են նոր գիտելիքներ, լարում՝ միտքը եւ զօրացնում՝ աշակերտի տրամաբանելու կարողականութիւնը: Խաղերը, նշում է նա, «զարգացնում են երեխայի երեւակայութիւնը, արագօրէն լուծումներ գտնելու կարողութիւնը, համակցուած մտածողութիւնը»: Մանկավարժներն ու հոգեբանները մեծ կարեւորութիւն են տալիս խաղերով դասը սերտելուն, նշելով, որ աշակերտի հոգեբանութիւնն ու անհատականութիւնը շեշտակիօրէն դրսեւորւում են խաղի ընթացքում: «Խաղը երեխայի համար ներքին, կենսաբանական պահանջմունք է: Խաղով է երեխան ճանաչում երեւոյթի շատ կողմեր, որոնք ի յայտ են գալիս միայն խաղային իրավիճակում: Այս իրողութիւնն է ընկած մանկավարժութեան մեթոդաբանութեան այն ելակէտի հիմքում, որով կարեւորւում է խաղի դերը ուսուցման մակարդակում: Ըստ այդ ըմբռնման, խաղը մեծացնում է գիտելիքի նկատմամբ եղած գրաւչութեան դաշտը, ընկալման, կլանուածութեան եւ սեւեռման գործակիցները: Ուսուցման միօրինակութիւնը յոգնեցուցիչ է: Այն յաղթահարւում է խաղի օգնութեամբ: Երեխան կրաւորական լսողից դառնում է գործուն մասնակից: Խաղերով ուսուցումը նպաստում է գիտելիքի եւ տեղեկութիւնների մեծ ծաւալի իւրացմանը, հմտութիւնների մշակմանը, կարողութիւնների ու անհատականութեան զարգացմանը, գեղագիտական ճաշակի ձեւաւորմանը», նշել է Օննիկ Բադալեանը:

Համակարգչային գրատախտակը ուսուցողական խաղերի անսահման հնարաւորութիւններով օժտուած միջոց է, որը դիւրութեամբ կարողանում է աշակերտներին ու ամբողջ դասարանը կլանուած կերպով ներգրաւել դասանիւթի իւրացման գործընթացում: Համակարգչային գրատախտակում տեղակայուած ուսումնակրթական տասնեակ հազարաւոր խաղերի շտեմարանից, ուսուցիչը համապատասխան դասախաղի օգտագործմամբ կարող է ուսուցանել հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, ուղղագրութիւն, ուղղախօսութին, քերականութիւն եւ հայերէնին առնչուող բազմաթիւ այլ նիւթեր ու գիտելիքներ: Իրողութիւնն այն է, որ մեր երեխաներն այլեւս պատկանում են արհեստագիտական նուաճումների դարաշրջանին եւ աւելի հետաքրքրութեամբ ու սիրով են սերտում դասանիւթը, երբ դասածրագրում կարեւոր տեղ է յատկացւում արհեստագիտութեան օգտագործմանը: Համացանցային ու ելեկտրոնային զանազան խաղերը նախապատրաստում եւ սրում են այսօրուայ երեխաների ընկալման, ճանաչման ու իւրացման կարողականութիւնը եւ ինչպէս շեշտում է մանկավարժական բնագաւառում միջազգային համբաւ վայելող Մարք Փրենսկին, «չկայ որեւէ պատճառ, որ Nintendo ընկերութեան Pokemon խաղի աւելի քան 100 կերպարների պատմութիւնը, զարգացումը եւ բոլոր մանրամասնութիւնները դիւրութեամբ իւրացնող սերունդը չկարողանայ սովորել աշխարհի 101 երկրների անունները՝ իրենց ազգաբնակչութեանը, մայրաքաղաքներին ու պատմական այլ իրադարձութիւններին վերաբերող տեղեկութիւններով»:

ԱՐԴԵՕՔ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆՈ՞ՒՄ Է ՈՒՍՈՒՑՉԻ ԴԵՐԸ

Երբեմն մտահոգութիւններ են դրսեւորւոմ այն մասին, թէ կրթական ոլորտում բարձրակարգ արհեստագիտութեան յարաճուն օգտագործումը կարող է նուազեցնել ուսուցչի դերը դասարանում եւ բացասական ազդեցութիւն ունենալ երեխայի ոգեղէն աշխարհի կերտման եւ ընդհանրապէս ուսումնակրթական գործընթացների վրայ: Անձնական փորձից ելնելով՝ վերահաստատում եւ վերահաւաստիացնում եմ, որ արհեստագիտական նորարարութիւնները, որոնց թւում համակարգչային գրատախտակի ներկայութիւնը, ո՛չ թէ թեթեւացնում, այլ, ընդհակառակը, բազմապատկում է ուսուցչի աշխատանքային դերակատարութիւնն ու ոգի փոխանցելու պատասխանատուութիւնը՝ թէ՛ դասարանում եւ թէ առհասարակ ուսումնակրթական ողջ գործընթացում: Ուսուցիչն է, որ վերարժեւորելով իր աշակերտների ուսումնական առաջնահերթութիւններն ու կարիքները՝ որոշում է, թէ դասարանում ինչպէ՞ս, ինչի՞ համար եւ ի՞նչ չափով պէտք է օգտագործէ արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները՝ դասանիւթը առաւել հրապուրիչ, հետաքրքրական, հասկանալի ու դիւրամատչելի դարձնելու համար: Փաստօրէն, արհեստագիտական հնարաւորութիւնները ո՛չ թէ փոխարինում են ուսուցչին, այլ՝ վերածւում են ուսուցչի ուսուցողական օժանդակ միջոցների, որոնցմով դասածրագիրը լիարժէքօրէն կիրառելու ուսուցիչ-աշակերտ փոխգործակցութիւնը աւելի արգասաբեր ու արդիւնաւէտ է դառնում: Ահա թէ ինչու, դասի ընթացքում աշակերտները անհամբերութեամբ սպասում են, որ իրենց եւս հերթ վիճակուի մօտենալու եւ աշխատելու համակարգչային գրատախտակի առջեւ: Իսկ դա, հիանալի առիթ է ստեղծում, որ ուսուցիչ, աշակերտ ու գրատախտակ միասնաբար առաջ տանեն սովորելու, տուեալ դէպքում՝ հայերէնագիտական առարկաների սերտման առաջադրանքը: Հետեւաբար, պէտք է միանշանակ վերացնել, փարատել այն մտահոգութիւնը, թէ արհեստագիտութեան ներկայութիւնը ստուերի տակ է առնում ուսուցչի դերակատարութիւնը՝ ուսումնակրթական ոլորտում:

Արհեստագիտական սրընթաց զարգացումները անտարակոյս առաջադիմութեան նոր հորիզոններ պիտի բացեն բոլորիս առջեւ: Մեզ է մնում, որ քայլ պահենք այդ զարգացումների հետ, ընդառաջենք նորարարութիւնները եւ ընդունենք, որ արհեստագիտական յեղափոխութեամբ փոխւում է աշխարհը, իսկ մեր զաւակների համար, որոնք ապրում ու շփւում են այդ զարգացումների հետ, արհեստագիտական յեղափոխութիւնը վերածւում է կենցաղի, առօրեայ ապրելաձեւի, թէեւ UCLA համալսարանի պրոֆեսէօրներից՝ դոկտ. Ալէն Քէյի համոզմամբ, այդ յեղափոխութիւնը դեռ առջեւում է…:

Դարու Ահազանգը
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ

Գրեթէ իւրաքանչիւր հայ գաղութի մէջ  գոյութիւն ունի հայկական վարժարաններու ցանց մը, որ արմատներ նետած է տարիներէ ի վեր եւ իր հովանիին ներքեւ առած է նորահաս սերունդներ:

19րդ դարու կէսերուն Հայ Ազգային Զարթօնքին առաջին քայլերուն հետ, անհրաժեշտ համարուեցաւ վարժարաններ հիմնելը՝ զարգացնելու համար նորահաս սերունդը: Հայ ժողովուրդը, որ տարիներու երկար եւ խաւար թմբիրէն նոր զարթնած էր, զինուեցաւ գիտութեամբ եւ կրթութեամբ:

Միջնադարուն վերելք ապրած հայ մարդուն գիտական ու մշակութային բարձունքը բաւական նահանջած էր եւ տարիներու խաւարամտութիւնը հաստ փոշիի խաւով պատած էր հայ մարդուն միտքն ու հոգին: Անշուշտ օրուան հրամայականը իր անյետաձգելի պատգամը հնչեցուցած էր. կարելի չէր նոր սերունդին  կանչերը լռեցնել եւ չանսալ այդ աղաղակին, որ հայ երիտասարդի առօրեայէն կը բխէր:

Այդ կանչերուն անսալով էր, որ Զարթօնքի շրջանին յատուկ մեթոտներ եւ արդիական միջոցներ որդեգրուեցան՝ տէր թոդիկեան տգիտութիւնը փոխարինելու համար: Նոր թափով սկսան աշխատիլ այդ վարժարանները եւ իսկական ծաղկումի ու աշխատանքի արգասաբեր բերքը հասաւ հայ ժողովուրդի օգնութեան եւ բարօրութեան համար:

Ցեղասպանութեան հետեւանքով ծանր հարուած ստացաւ  նաեւ հայ դպրոցն ու դպրութիւնը: Սփիւռքի դժուարին պայմաններու ներքեւ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք գաղթական հայն անգամ գիտակցութեամբ հիմնեց ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ՝ հաւատալով եւ վստահելով անոր առաքելութեան: Երկար տարիներ խարխափումի եւ ինքնութեան փնտռտուքի մէջ գտնուող սփիւռքահայ երիտասարդին պէտք էր կապել հայ դպրոցին, եկեղեցիին ու ակումբին: Ամբողջ սփիւռքը, առանց պետական հովանաւորութեան, անձնուէր եւ ազգասէր նուիրեալներու շնորհիւ կանգուն պահեց հայ դպրոցը՝ հայ ազգը: Թէեւ հայրենիքէն ներս պետական մասշտապով կրթական ծրագիր գոյութիւն ունէր, սակայն Խորհրդային Հայաստանի կապը սփիւռքի հետ խախտած էր, հետեւաբար կարելի չէր օգտուիլ այդ ծրագիրէն եւ միջոցներէն:

Այսօր այդ վարժարաններու ցանցը տակաւին կը շարունակէ գործել հայ իրականութեան մէջ,  որոշ փոփոխութիւններ արձանագրած՝ օրուան եւ դարուն զարգացման եղանակներուն համապատասխանող ձեւերով:  Կարելի եղած չափով աւանդականին եւ ազգայինին լուսաւոր պատկերները պահելով՝ կը փորձենք մեր վարժարանները զինել անհրաժեշտ բոլոր արդիական միջոցներով, որպէսզի կարենանք իր ինքնութեամբ հպարտ եւ զարգացած դարու հետ քայլ պահող ապագայի հայորդին կերտել: Այսօր սփիւռքի ազգային վարժարաններուն յարկին տակ թրծուած սերունդները, իրենց նուաճած ազգային ու կրթական բարձր մակարդակով, կարեւոր դիրքեր կը զբաղեցնեն ազգային կամ իրենց ապրած երկրի կեանքէն ներս: Նահանգապետէն մինչեւ խորհրդական, գիտնական, ուսուցիչ, երկրաչափ, վիրաբուժ. անոնք ոչ մէկ ձեւով իրենց գիտելիքներով ու կրթութեամբ կը զիջին օտար վարժարաններու կրթութեան առաջ, երբեմն նոյնիսկ՝ կը գերազանցեն զանոնք: Բնական է,  ինչպէս որեւէ կառոյց, հայ դպրոցն ալ կատարեալ ըլլալու յաւակնութիւնը չէ ունեցած, սակայն միշտ լաւագոյնին համար աշխատանք թափելու անխոնջ պայքարին լծուած է իր բոլոր հնարաւորութիւններով:

Առ այդ անհրաժեշտ է հայ դպրոցը ազգային գուրգուրանքի եւ  յատուկ հոգատարութեան առանցքը դարձնել եւ անոր կրթական համակարգը բարձրացնել այնպիսի մակարդակի, որ հայ աշակերտը հայկական վարժարան յաճախելուն համար գնահատուած ու փայփայուած զգայ: Մեր աշակերտութիւնը ամբողջական իրաւունքը եւ կարելիութիւնը ունի լաւագոյնին ձգտելու ու մեր պարտականութիւնն է, որպէս ազգ եւ գաղութ այդ մէկը իրականացնել:

Այսսօրուան պահանջները փոխուած են, միաժամանակ հնարաւորութիւններու հորիզոնը՝ ընդարձակուած: Հայերէն առարկաներ, գիտութիւն, թուաբանութիւն, օտար գրականութիւն եւ զանազան նիւթեր աւանդող հայ ուսուցիչը, պիտի դառնայ անմիջական դաստիարակը հայ աշակերտին: Տան դաստիարակութեան առընթեր դպրոցէն ներս իր ստացած գիտութիւնն ու դաստիարակութիւնը կը դարբնեն ապագայի հայ մարդը: Անշուշտ չափազանց կարեւոր է ուսուցիչներուն պատրաստուածութիւնը, լաւատեղեակ ըլլալը եւ իրենց աւանդած նիւթին մասնագէտ ըլլալը, սակայն անոր կողքին կայ նաեւ այլ կարեւոր ազդակ մը՝ ուսուցիչին նուիրուելու եւ ծառայելու պատրաստակամութիւնը: Ազգային ոգի ներարկելու պատրաստակամութիւնը եւ կարողութիւնը: Ազգային վարժարանէն ներս գործող հայ ուսուցիչը ազգային ինքնութեան ամուր խարիսխ մը պէտք է դառնայ: Հայ աշակերտը որպէս կատարեալ իտէալ պիտի նայի հայ ուսուցիչին՝ ըլլայ ան հայերէն առարկաներ աւանդող կամ ուսողութիւն ուսուցանող: Հայերէն առարկաներ աւանդող ուսուցիչին գործը դիւրացնող կարեւոր ազդակ է այլ նիւթեր աւանդող հայ ուսուցիչը եւ ոչ թէ անոր աշխատանքը խափանող տարր: Աշակերտին կարելի չէ առողջ ձեւով դաստիարակել երկու չափ երկու կշիռով: Այսօրուան արդիականացած աշխարհին մէջ նաեւ, ուսուցչութիւնը մասնագիտական ասպարէզ ըլլալով հանդերձ, տակաւին կը մնայ կոչում եւ առաքելութիւն: Իսկ ազգային վարժարաններէն ներս գործելը պէտք է ըլլայ սրբազան առաքելութիւն եւ ոչ թէ ստորադաս մասնագիտութիւն, որովհետեւ հոն կը կերտուի ապագայի հայ մարդը:

Հայ մարդը իր ազգային ինքնութեամբ հպարտ մարդն է: Անկախ մեր մէջ տիրող երբեմնի  այլամերժ մտածելակերպէն, սփիւռքահայ մարդուն էութեան կարեւոր բաժինը կը կազմէ իր ազգային ինքնութիւնը: Եթէ ենթական այս կամ այն արուեստական եւ արտաքին ճնշումներու պատճառով մերժէ  իր ազգային ինքնութիւնը, բնականաբար կատարեալ մարդ դառնալու չափանիշներէն հեռու պիտի մնայ: Անպայման ներքին խուլ պայքար մը պիտի ապրի ու այդ պայքարը  երբեմն սխալ ձեւերով պիտի դրսեւորէ: Ուրեմն հարկ է ճիշդ ուղղութեամբ զարգացնել ազգային ինքնութեան եւ պատկանելիութեան զգացողութիւնը՝ ուսուցիչներու սեփական օրինակներով: Ամէնօրեայ դրութեամբ աշակերտին դաստիարակող ուսուցիչը շատ մճծ բաժին ունի անոր ապագայի քայլերուն եւ հունին պատասխանատուութեան իմաստով: Աշակերտին ապագան ձեւաւորելու պատիւը յանձնուած է ուսուցիչին, ուրեմն անոր գիտակցութիւնը անպայման ունենալու է ուսուցիչ «երկնային» էակը:

Այսօր նաեւ մեր վարժարանները քայլ պէտք է պահեն արդիականացման ընթացքին հետ: Հայերէն կամ այլ առարկաներ աւանդողները հարկ է ամէնէն արդիական միջոցներու օգտագործումով մօտենան ու ներգրաւեն հայ աշակերտը: Այսօրուան արդիական աշխարհի ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւնները պէտք է հաւատքով նուիրաբերել հայ դպրոցին ու հայ աշակերտներուն, որովհետեւ անոնք մեր ազգային գանձերն են:

Ազգային ֆօնտերու եւ մասնագէտ գիտնականներու աւագանիներուն մտահոգութեան առարկան պէտք է դառնայ հայ դպրոցը:  Կիսատ ու ժամանակաւոր լուծումներէ պէտք է խուսափիլ: Միասնական եւ հետեւողական ճիգերով պէտք է պահել եւ գուրգուրալ հայ դպրոցին ու անոր ապագային: Մինչ միջազգային կրթական եւ դպրոցական մակարդակներու վրայ մեծ քայլեր կը նախատեսուին, պէտք է պատրաստել մեր վարժարանները այդ պահանջքներուն համապատասխան: Ժամանակը երբ հնչէ, Հայ Դպրոցը արդէն զինուած պէտք է ըլլայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոցներով, այլապէս միշտ աւելի կրնայ ստորադասուիլ, տկարի ու խեղճի կարգավիճակին մէջ մնալով, ազգային ինքնութեան մասին պէտք եղած ուժեղ պատգամը պիտի չկարենայ փոխանցել հայ երիտասարդին:

Արդի մամուլի ու նորանոր հնարքներուն հետեւելով՝  այսօր կը լսենք, համակարգիչներով դպրոց յաճախելու եւ դասագիրքերը վերացնելու հաստատումներու մասին: Կարգ մը յառաջադէմ շրջանակներու մէջ, արդէն փորձառական իմաստով քայլեր առնուած են:

Ո՞ւր պէտք է տեսնել հայ դպրոցը այս խճանկարին մէջ: Եթէ կ՛ուզենք, այս պարագային (անշուշտ կուզենք), հայ դպրոցը տեսնել յառաջացած ընթացքի մէջ, հարկ է զօրակոչ յայտարարել եւ աշխատանքի լծուիլ: Մեր երիտասարդ ուժերը եւ ճարտարարուեստի մասնագէտները արդիական  լուծումներով պէտք է մօտենան կրթական շրջանակներուն:  Այս հարցը կարելի չէ  յետաձգել, եթէ կ՛ուզենք մեր երիտասարդութիւնը  իր ազգութեամբ եւ ազգային արժանիքներով հպարտանայ:

Եզրակացնելով՝ կ՛ուզեմ յայտնել թէ շատ կարեւոր է՝

1.-Առօրեայ մտահոգութեան առարկայ դարձնել հայ դպրոցը եւ հայ աշակերտը.

2.- Արդիական բոլոր միջոցներով զինել հայ դպրոցը.

3.-Ծնողք, ուսուցիչ եւ պատկան մարմիններ աշխատին հայ աշակերտին վերելքին համար.

4.- Վեր առնել հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը եւ նուիրումը.

5.- Հայերէն լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչներ պատրաստել նոր սերունդէն.

6.- Արդիականացնել լեզուն, որպէսզի երիտասարդը կարենայ հայերէն կարդալ.

7.-Դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ եռանկիւնը ամրացնել եւ արդիականացնել այդ կառոյցներուն ղեկավար շարքերը.

8.- Ֆինանսական հնարաւորութիւններ ստեղծել մասնագէտ՝ տնտեսական հիմերու վրայ ազգային վարժարաններու շարքերը խտացնելու համար:

Խոստմնադրուժին Հարկ Է Պատժել
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՅԱՅՏՈՅԵԱՆ

Որքան որ մամուլով կամ անձնական հարցուփորձերով կը ջանամ հետեւիլ Հայ Դատի տղոց վեհ աշխատանքներուն, կը խորհիմ թէ մեր տղաքը իրաւամբ բաւական հիմնաւոր գործ կը տեսնեն, աչալուրջ են, հետեւողական: Օրինակները ամէն օր կը տեսնենք, կամ չենք տեսներ, բայց քա՛ջ գիտենք որ անոնք կ՛աշխատին:

Բայց:

Թէեւ Թուրքիան ալ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ, ողջ Արեւմուտքն ալ լա՛ւ գիտեն մեր Ցեղասպանութեան ահարկու իրողութիւնն ու պատմութիւնը, սակայն ՈՐՔԱՆ ԱՏԵՆ ՈՐ ԹՈՒՐՔԸ ԳԻՏԷ ԹԷ ԶԻՆՔ ՍԻՐԱՇԱՀԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԿՈՐԱՔԱՄԱԿ ՔԾՆԱՆՔԸ, ԱՆ՝ ԹՈՒՐՔԻԱՆ, ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՉՏԱՅ, ԻՍԿ ՄԻՒՍԸ՝ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ, ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄՆի, ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԱՐԸ ՊԻՏԻ ՉԹՐԹ-ՌԱՑՆԷ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՉՎՇՏԱՆԱՅ:  Այս վերջինը, մեր մտերիմ թշնամին, Ցեղասպանութեան հեղինակը, պիտի չշարժի տեղէն եւ թիզ մը հող իսկ պիտի չզիջի (տեսնենք խոստացուած եկեղեցապատկան բռնագրաւուած կալուածները պիտի վերադարձնէ՞ իրենց տէրերուն. թուրքը ե՞րբ իր խօսքին տէրը եղած է): Իմ խոր համոզմամբ, որքան ատեն որ «մեծ» տէրութիւնները կը դարպասեն զայն, Թուրքիան պիտի չերերայ իր տեղէն (եթէ ներքին յեղափոխութիւն – implosion – չպայթի. այդ ալ ուրիշ հարց): Միթէ հարկաւո՞ր է կողմ սիրաշահիլ արդարութիւնը ի զօրու դարձնելու համար: Իսկ որկրամոլ Արեւմուտքի թրքասէրներուն մեր ինչո՞վ պիտի սիրաշահինք. մեր չունեցած ծովերո՞վ թէ ունեցած քարերով՝ փոխան քարիւղի:

Հայաստանը իր ներկայ խղճալի վիճակով ոչ մէկ ուժ կը ներկայացնէ:

Կը մնայ Սփիւռքը, ՄԵ՛ՆՔ, սկսելով ամերիկահայութենէն: Քանի՞ քուէարկող ենք ամբողջ ԱՄՆու տարածքին: Մէ՞կ միլիոն: Մէկ միլիոն մա՞րդ ենք թէ մէկ միլիոն խամաճիկ: Կրնա՞նք միահամուռ, միաբերան, մէկ մարդու նման, մէկ ՀԱՅՈՒ նման վճռել եւ, մեր երկու միլիոն նահատակներու անունով (1894-1923)  Ո՛Չ ըսել բոլորին եւ 2012ի Նոյեմբերին ՉՔՈՒԷԱՐԿԵԼ եւ ո՛չ մէկու օգտին, ո՛չ միայնակ դեմոկրատ-ժողովրդավարին (տեսանք ու ճաշակեցինք ո՜վ ըլլալը) եւ ոչ ալ 8-9 հանրապետականներուն:

Ո՛Չ ՄԷԿՈՒՆ ԵՒ Ո՛Չ՝ ՄԻՒՍՆԵՐԷՆ ՈՐԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ:

Մաքուր մէկ միլիոն հայկական քուէ-ձայն ամբողջ երկրին տարածքին՝ եւ ոչ մէկուն: Այսինքն՝ Համընդհանուր Հայկական Պոյքոթ հռչակել ամբողջ Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Եւ օրինակ ծառայենք միւս Սփիւռքներուն: Կրնա՞նք: ՆԱԽՕՐՕՔ վստահ ենք որ 2012ին եւս պիտի խնդան մեր քթին. ոչ ցեղասպանութիւն յարգող կայ այս երկրին մէջ, ոչ ալ իրաւ արդարութեան նախանձախնդիր որեւէ մէկը: Չէ որ իրենց մորթին վրայ չեն ապրած մերիններուն ապրածը: Եւ ոչ մէկը այդ 9-10 անձերէն, որոնցմէ մէկը նախագահ պիտի ընտրուի, ի սկզբանէ արժանի չէ մեր, հայու, հաւատքին եւ քուէին: Բոլորն ալ, ինչպիսի ալ խոստում տան, պիտի խոտորին, պիտի այլասերին եւ մոլորուին երբ հարցը կու գայ իրենց տուած խոստումները յարգելու յետ ընտրութեան: Ողնուծուծով անբարոյական են: Եւ քանի որ ՄԱՐԴ չեն եւ կամովին պիտի մերժեն մարդու նման վարուիլ, գոնէ մեզի հայերուս հանդէպ, մեզի կ՛իյնայ մարդավարի ԴԱՍ մը տալ անոնց բոլորին՝ մէկ անգամէն, միաժամանակ, նոյն եւ միեւնոյն ակտով  ՈՉ ԻՍԿ ՄԷԿ ՔՈՒԷ ՈՐԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ:

Կրնա՞նք: Այո՛, օգտուելով այն հանգամանքէն որ քուէարկութիւնը պարտադիր չէ՛ այս երկրին մէջ: Ո՞ր մէկուն առիթը պիտի ընծայես որ անամօթաբար վրադ խնդայ ձեռքէդ ճանկելով լրբօրէն, շնականօրէն քու մէկ հատիկ ոսկիէ քուէդ: Ո՛չ եւ ո՛չ. քանի որ ի սկզբանէ գիտենք որ ով որ ալ «բեմ բարձրանայ» այս երկիրի գլխուն, պիտի մոռնայ իր տուած կամ տալիք բոլոր խոստումները եւ պիտի շարունակէ, խնդումերես եւ ուրախ, թուրքին ոռը լիզել (ներողութիւն, բայց ասկէ աւելի մաքուր եւ յարմար պատկեր չգտայ հում ճշմարտութիւնը լիիրաւ կերպով ներկայացնող):

Կրնա՞նք այժմէն իսկ հաւատալ այս ՄԻԱԿ զէնքին եւ գործի լծուիլ – բոլոր կուսակցութիւններէ եւ բոլոր յարանուանութիւններէ ներս, բոլոր ակումբներէ ներս, բոլոր դպրոցներէ ներս, բոլոր Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերուն, տուն առ տուն, ընտանիք առ ընտանիք, ակումբ առ ակումբ, մամուլ, «թի-վի» իրար անցընել, հրովարտակ-հրահանգագիր տեղացնել այս միակ զէնքի՝ համահայկական վճռագիրի մասին եւ ամէնուրեք համոզել որ այս ՄԵՐ ՄԻԱԿ ԶԷՆՔՆ Է ՄԵՆՔ, ԶՄԵԶ ՅԱՐԳԵԼ ՏԱԼՈՒ ԲՈԼՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՌæԵՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԵԶՄԷ, ՀԱՅԷՆ ՍՈՐՎԻՆ ԻՐԵՆՑ ԽՕՍՔԸ ՅԱՐԳԵԼ: Իսկ մեր մօտ բարոյական պատիժի ենթարկել (մեկուսացնելով) այն ենթական որ կը մերժէ ենթարկուիլ:

ԲՈԼՈՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ՄԷԿ æՈՒՐՈՎ ԼՈՒԱԼ 2012ի ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ՝ ՄԷԿ ԿԱԹԻԼ ԻՍԿ ՔՈՒԷ ՉՏԱԼՈՎ 1+9 ԱՊԱԳԱՅ ԹՐՔԱՍԷՐ ԼԻՐԲԵՐՈՒՆ: Բարոյականութենէ պարպուած այս ջոջերուն հետ ուրիշ կերպ կարելի չէ վարուիլ:

Եթէ յաջողեցանք:

…Յուսամ 2015/16ին համայն ԱՄՆ. պաղատելով պիտի ընդառաջեն մեր երկու միլիոն անմեղ զոհերուն:

Խօսք չհասկցող խոստմնադրուժին հարկ է ՊԱՏԺԵԼՈՎ դաստիարակել: Պատմութիւն կերտելով:

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ-Հայապահպանումի Գործօնները Վերանորոգելու Առաջնահերթութիւնը
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայապահպանում բառ-եզրը, որ տարագիր արեւմտահայութեան համար, իրաւա՛մբ , դարձաւ գոյութեան փրկարար լաստ, այսօր, արդեօք ունի՞ իր նոյն ազդու հնչեղութիւնը ու գործնական ազդեցութիւնը։

Հարցումը «ծուղակային» չէ, այլ դառն իրականութեան մը ինքզինք պարտադրող կոչ մը, որմէ այլեւս կարելի չէ խուսափիլ, ոչ շրջանցել, ոչ ալ՝ անտեսել, մանաւանդ տիրող համաշխարհայնացումի ճնշող մթնոլորտին մէջ։

Հայապահպանումի գործօնները (եկեղեցի, դպրոց, կուսակցութիւն, միութիւն, մամուլ, գիրք, մշակոյթ, եւայլն) այսօր կը գտնուի՞ն իրենց բարօրութեան մէջ, կ՛արժանանա՞ն համապատասխան հոգատարութեան, կը վայելե՞ն համատարած ժողովրդականութիւն։

Մտածումներ ու մտահոգութիւններ, մտմտուքներ ու մտավախութիւններ, որոնք պէտք է համակեն պատկան մարմիններ, ի տես այն անկումներուն եւ ի լուր այն սայթաքումներուն, որոնք կը ցցուին մեր առջեւ, զգալի դարձնելով ցաւատանջ երեւոյթներ, գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս։

Հայապահպանումը մնալու համար իր այժմէականութեան ու շահաւէտութեան մէջ, անյետաձգելիօրէն կարիքն ունի վերանորոգ լիցքերու եւ ինքնակերտ լիցքաւորումներու՝ մարդուժի սլացիկութեամբ, մասնագէտի արժանաւորութեամբ, տեսլապաշտ ղեկավարութեամբ, նիւթական գտանելիութեամբ ու կազմակերպչական ձեռնհասութեամբ։

Սակայն, այս բոլորը ունենալու համար իրենց յուսատու դրսեւորումներն ու ցայտուն իրագործումները, բացարձակ անհրաժեշտութիւն է՝ ազգային գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեան լրջութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ լծուիլ հայապահպանումի կենդանացնող ազդակներուն, ուր գերակշիռ տեղ ունենան հայու ինքնութեան ու պատկանելիութեան արմատներուն հզօրացումն ու ամրապնդումը։

Պէտք է ըլլալ իրապաշտ ու դիպուկ, առանց իյնալու ինքնախաբէութեան, ինքնագովութեան կամ ինքնասիրահարուածութեան յորձանքներուն մէջ, որովհետեւ այդ ձեւով կարելի չէ հայապահպանումի գործ կատարել, ոչ ալ կարելի է հայապահպանումի լծակները պահել կենսունակ։

Այս հպանցիկ, այլապէս արագ մուտքէն ետք, կ՛արժէ անդրադառնալ հայապահպանութեան ու հայագոյութեան հիմնական յենակներէն՝ Հայ Դպրոցին, որ իր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, հոգիի ու մտքի փարոս հանդիսացած է, իսկ այժմ կը տառապի խայտաբղէտ «ախտ»երէ։

Ուսուցիչ, աշակերտ, դասագիրք, ուսուցում, պիւտճէ։

Ահաւասիկ կրթական ամբողջ թղթածրար մը, որ կը վերաբերի Հայ Դպրոցի ներկային, սակայն, միշտ ապագայի հաշւոյն, եթէ պիտի շարունակուի, մեղմ ըսած, աւանդական սովորամոլութեամբ մօտենալ առաջադրուած հարցերուն։

Դպրոց հասկացողութիւնը՝ իր շօշափելի խորքով ու նպատակասլացութեամբ, ի՞նչ իմաստ ունի (կամ կրնայ ունենալ), երբ հոն հետզհետէ կը պակսին անոր «բնակի»չները, կը խամրին «լոյս»երը, իսկ ամէնէն կարեւորը, կը սահմանափակուին հայերէնագիտական նիւթերու «ճառագայթում»ները։

Ասոնք հիմնարար, բայց կործանարար իրականութիւններ են, որոնց նկատմամբ լուծումները կամ դարմանումները, որքան ալ գնահատելի եւ քաջալերելի, չեն տուած իրենց դրական ու գոհացուցիչ արդիւնքները։

Ո՞վ կրնայ հակառակիլ կամ առարկել այս «խօսուն» ճշմարտութիւններուն, որոնք մեր առօրեային ու համայնքային կեանքին մէջ են, քիչ մը ամէն տեղ, անվիճելիօրէ՛ն։

Հայերէնագիտական մասնագէտները ո՞ւր պիտի պատրաստուին, երբ հայագիտական կեդրոններուն մեծ մասը փակուած է, իսկ եթէ տակաւին կան նման բաժանմունքներ, դժբախտաբար, ձեռնտու պայմանները չկան, խրախուսական միջոցները կը պակսին, տակաւին ըսելու համար, թեկնածուներ կը խուսափին այս ասպարէզը ընդգրկելէն, ի դէմս ծնողաց վերապահութիւններուն (թէ՞ արգելքներուն) կամ զայն անհեռանկարային նկատողներուն։

Կայ աւելի սարսափազդուն. առ հասարակ կայ ուսուցիչներու անգտանելիութիւնը, որոնք նոյնիսկ եթէ այդ ասպարէզը ընտրեն, աւելի գործնական կը նկատեն ոչ-հայ կրթարաններու մէջ պաշտօնավարել։

Իսկ աշակերտական տագնապը հասած է սահմռկեցուցիչ սահմաններու, մէկ կողմէ՝ օտար վարժարաններ յաճախողներու զգալի թիւով, միւս կողմէ՝ հայ աշակերտներու թիւի զգալի նուազումով։

Այս տխուր երեւոյթը, մեր կարծիքով, աւելի քան քաղքենիական է, ընդհանրապէս կարգ մը ծնողաց անբացատրելի կամ անհամոզիչ արդարացումներով, իրենց զաւակները առաջնորդելով այլուր, հազար ու մէկ ունայնամիտ պատճառաբանութիւններով։

Դասագիրքերու հարցը ուրիշ «անլուծելի» մղձաւանջ մըն է, որ մինչեւ օրս չկրցաւ իր մանկավարժական-մասնագիտական-հաւաքական հունաւորումը գտնել, հակառակ կարգ մը փորձերուն, որոնք ընդհանրութեան սեփականութիւնը չդարձան։

Հոս կը հասնինք պիւտճէական կամ տնտեսական փաթեթին, որ, անտարակոյս, ամէնէն կարեւորն է, որովհետեւ բոլոր կրթական պատասխանատուները կլանողն ու  կլլողն է, Հայ Դպրոցը կանգուն պահելու տեսակէտէն։

Ուսուցիչը ինքզինք իրաւազրկուած կը զգայ, ծնողքը՝ անկարող, պատասխանատուները՝ շուար, բոլորին գոհացում տալու, որուն «բանալի»ն նիւթական աղբիւրներ գտնելու կամ հայթայթելու մղձաւանջն է։

Ինչ խօսք որ՝ Հայ Դպրոցը բաբախելու համար, ջուրի եւ օդի չափ պէտք ունի տնտեսական նեցուկներու, իսկ ո՞վ պիտի տայ կամ տրամադրէ զանոնք, եթէ ոչ հայ ժողովուրդի այն հատուածները, որոնք յաջողած գործարարներ կամ ձեռներէցներ են։

Ի դէպ, իմ հրապարակագրութեանս երկարամեայ շրջանին, միշտ հարցադրած, այլեւ պահանջած եմ, որ ինչո՞ւ Հայ Դպրոցի հիմնադրամներ չեն ստեղծուած, ինչո՞ւ ամէն տեսակի հիմնադրամներու համար նուիրատուներ ու կտակներ գտնուած են, իսկ ոչ՝ Հայ Դպրոցին, որ մեր նորահաս սերունդներուն հիմնասիւնը եղած է (եւ է), իսկ անոր պահապան-հրեշտակը՝ հայ ուսուցիչը։

Իւրաքանչիւր հայ համայնք կամ գաղութ, ունի իր յարգելի (ոմանց համար՝ նախանձելի) դրամագլխատէրերը, որոնք Հայ Դպրոցի տնտեսական զօրակցութեան բարերարներ կրնան դառնալ, ամենայն դիւրութեամբ ու կարելիութեամբ։

Եթէ հայ ժողովուրդը, ի մասնաւորի Սփիւռքի, յօժարակամ ու պատրաստակամ է Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակելու, մեծղի նուիրատուութիւններով ու մեկենասութիւններով, ապա, ի՞նչ բանը կ՛արգիլէ որ անոնք նոյն ազգամեծար եւ երախտապարտ կեցուածքը չունենան իրենց շրջանակներու Հայ Դպրոցներուն։

Վստահ պէտք է ըլլալ, ամէն տեղ կան (երբեմն լուսարձակներէ հեռու կամ անյայտ) հայեր, որոնք ի վիճակի են Հայ Դպրոցներուն տէր կանգնելու իրենց ազգային պարտականութեանց ծիրին մէջ, որովհետեւ, վերջին հաշուով, դպրոցներն են հայ ժողովուրդին հայեցի դաստիարակութեան ջերմ օրրանները։

Հետեւաբար, ազգային ղեկավարութիւններ, որոնք (եթէ) կը հաւատան իրենց կոչումին, կը ծառայեն ու կը նուիրուին անոր, պարտին ընդառաջել այս անյետաձգելի մարտահրաւէրին, որուն յաջողութեան գաղտնիքները գտնելը այդքան ալ դժուար պիտի չըլլայ:

Եզրակացնելով, ո՛չ մէկ կասկած որ՝ հայապահպանումի մարտավարութիւնը, զոր ցարդ կիրարկուած է, իր տարաբնոյթ ներդրումներով ու զարգացումներով, այսօրուա՛ն դիտարկումով ու գործընթացներով, չի կրնար շարունակուիլ, երբ չափանիշներն ու պահանջարկները փոխուած են, իսկ դիմագրաւելիք միջոցները՝ թուլցած։

Հետեւաբար, տնտեսական մարտահրաւէրը յաղթահարելի ըլլալու համար, նոյնքան ալ պահանջելի է կրթական թղթածրարը (որուն անդրադարձանք) ենթարկել լուրջ եւ արագ բարեկարգումներու։

2012ին ընդառաջ, ա՛յս է մեր բարձրաձայն խորհրդածութեան նիւթը, հայապահպանումի գործօնները տեսնելով վերանորոգուած, վերանորոգելիութեան հաստատ իրականացումով։

Պէյրութ, Նոյեմբեր 2011

Ի՞նչ Պիտի Լինի Հայ Կրթական Մարտավարութիւնը
ՕՆՆԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ինչ էլ լինի ամերիկահայ կրթական քաղաքականութիւնը, ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը, ներկայ վիճակի ու մտայնութեան առկայութեան պայմաններում, երբ կրթական գործը դեռ ամուր եւ արհեստավարժ հիմքերի վրայ չի դրուել, իսկ շատ հայ ընտանիքներ եւս մատների արանքով են նայում

հայեցի կրթութեանը, մայրենի լեզուի ու մշակոյթի, ազգային դիմագծի, հայակերտման ու հայապահպանութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները մի հուժկու լեռան ծանրութեամբ չոքած կը մնան մեր առջեւ։ Բաւ է պատկերացնել, թէ միայն ու միայն Կալիֆորնիա նահանգում աւելի քան 75,000 հայ աշակերտներ զուրկ են իրենց մայրենի լեզուն գէթ գրել-կարդալ սովորելու հնարաւորութիւնից։ Որոշ աղբիւրների համաձայն՝ այս թիւը հասնում է նոյնիսկ 100,000ի։ Մի պարզ հաշուարկով կարելի է համաձայնուել վերջին թուի հետ։

Որոշ աղբիւրների կամ անհատների տուեալներով՝ Կալիֆորնիա նահանգում, յատկապէս Լոս Անջելես գաւառում, 450,000 հազար հայ է բնակւում։ Սա նշանակում է ոչ պակաս շուրջ հինգ հոգուց բաղկացած 100,000 հայ ընտանիք (Դեռ որոշ հեռուստակայաններից հնչող յայտարարութիւնները 200,000 հայ ընտանիք են նշում)։ Ուրեմն, միջին հաշուով՝ 100,000 դպրոցական աշակերտ, նկատի առնելով իւրաքանչիւր ընտանիքից միայն մէկ աշակերտ։ Ահռելի մեծ թիւ է 100,000ը, որն անգիտակցաբար եւ անմեղօրէն քայլում է դէպի ազգային տխուր ապագայ…

Անշուշտ, Կալիֆորնիայում կան հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ, միօրեայ, երկօրեայ, շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ եւ մասնաւոր դասընթացներ, ուր դասաւանդւում են հայոց լեզու, պատմութիւն եւ յարակից այլ առարկաներ։ Այս վարժարաններում եւ դասընթացներում ներգրաւուած են, ինչպէս ժողովուրդն է ասում՝ քարը ճաքի, շուրջ 10,000 հայ աշակերտ, ոչ աւել։ Հապա մնացեա՞լը…

Արդեօք այս պատկերը սարսափելի, մտահոգիչ ու ողբալի չէ՞։ Իհարկէ, է՛ եւ կարելի է վերոյիշեալ տուեալները իրական ընդունել։ Այժմ, խօսենք այն մասին, թէ ո՞ւմ ուսերին է դրուած այս մեծ թուով մատղաշ սերնդի հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան, հայակերտման ու հայապահպանութեան կենսական եւ հրամայական  գործը, ո՞վ է այս վիճակի գլխաւոր պատասխանատուն։ Դիւրութեամբ կարելի է ասել՝ թուրքը, ցեղասպանութիւնը, որի պատճառով հայութեան մազապուրծ եղած բեկորները եւ վերապրողները իրենց պապենական հող ու ջրից կտրուած, տուն ու տեղը կորցրած՝ ապաստան գտան տարբեր երկրներում. ուստի, նրանց յաջորդական սերունդները ժառանգեցին սփիւռքեան այսօրուայ անմխիթար վիճակը։ Բացի այս, մեր հայրենի պետութիւնն եւս վերջին 90 տարիների ընթացքում ի վիճակի չեղաւ ու չկարողացաւ ազգահաւաքի ու հողահաւաքի լուրջ ծրագրեր մշակել, Սփիւռքի համար կրթական ու հայակերտման յատուկ քաղաքականութիւն որդեգրել ու գործադրել։ Ճիւղակոտոր սփիւռքը, իր իսկ ուժերին ու հնարաւորութիւններին հիմնուած, հազիւ կարողացաւ ինչ որ չափով իր մէջքը շտկել ու ցեղասպանութեան խորունկ վէրքերը որոշ չափով ամոքել։

Այսօրուայ Սփիւռքի պատկերը տխուր ու մտահոգիչ է։ Հայ մատղաշ սերնդի մի հուժկու բանակ անտեսուած ու դուրս է մնացել հայակերտման ու հայապահպանութեան շրջագծից։ Արդեօք երբեւէ մտածուե՞լ է այս հսկայական բանակին ազգային գետնի վրայ մի քանի տասնամեակ յետոյ սպասուող աղէտի վերաբերեալ՝ ինքնացեղասպանութեան արարման մասին… Ո՞վ պէտք է հոգ տանի։

Անտարակոյս, ամէնից առաջ տեղիս առաջնորդարաններն ու քաղաքական կազմակերպութիւնները, որոնք համարւում են տեղիս հայ համայնքի առաջնորդն ու ղեկավարը, պարտականութիւն ունեն հոգ տանելու այս մեծ բանակի հայեցի կրթութեան ու հայակերտման կարեւոր գործին։ Անշուշտ, մշակութային, հասարակական ու հայրենակցական միութիւնները, հայ ընտանիքներն ու հայ անհատները եւս պարտականութիւն ունեն զօրավիգ կանգնելու եւ օժանդակելու այս յոյժ կենսական  գործին։

Այս համոզումով՝ կարծում ենք խիստ անհրաժեշտ է առանց երկար սպասելու ձեռնարկել հետեւեալ աշխատանքներին.

Առաջին՝ դպրոցաշինութեան, նոր դպրոցների կառուցման, ուր կարելի կը լինի մեծ թուով հայ աշակերտներ ընդգրկել. բնականաբար դիւրամատչելի պայմաններով։

Երկրորդ՝ ամերիկեան կրթական չափանիշների համաձայն հայերէնի երիտասարդ ուսուցիչներ պատրաստել։ Ուրեմն, անհրաժեշտ է «Հայ Ուսուցչանոց»ի՝ որակեալ ու վարկաւորուած ուսուցիչներ պատրաստելու կենտրոնի գոյութիւնը մեր համայնքում։

Քաջ գիտակցելով, որ նման ծրագրերի իրագործումը կարօտ է նիւթական հսկայական միջոցների, ուրեմն, անհրաժեշտ է հիմնել յատուկ «Կրթական Ֆոնդ», որը կը տնօրինուի ներկայացուցչական սկզբունքով կազմուած մի Ընդհանուր կրթական մարմնի կողմից։ Ֆոնդի գումարը կաճի ու կը բազմանայ բարեմիտ ու ազգանուէր անհատների նուիրատուութեամբ, առաջնորդարանների ու քաղաքական կազմակերպութիւնների եւ զանազան միութիւնների նիւթական յատկացումներով, ինչպէս նաեւ՝ նուազագոյնը տարին մէկ անգամ կազմակերպուած յատուկ «Թելեթոն»ից ստացուած գումարներով։ Կասկած չպիտի ունենալ, որ հայ մատղաշ սերնդի հայեցի կրթութեան համար որեւէ հայ անհատ չի զլանայ իր լուման ներդնել, եթէ Ընդհանուր կրթական մարմինը հանրութեան ներկայանայ լրջօրէն մշակուած ու նպատակադրուած ծրագրով եւ իր կեցուածքով ու գործունէութեամբ ապահովի համայնքիս վստահութիւնը։

Ընդհանուր կրթական մարմնի գործունէութեան ծրագրում իրենց յատուկ ու կարեւոր տեղը կ՛ունենան մի շարք հիմնական ու կենսական գործեր. ինչպէս՝

Ա) Հիմնել վերը նշուած Ուսուցչանոցը ու մշակել համապարփակ ու նպատակային կրթական ծրագիր.

Բ) Հայ ուսուցչական ասպարէզը ամերիկեան չափանիշով վճարման մակարդակի բերել.

Գ) Հայ ուսուցչին տալ առողջական ու կենսաթոշակի ապահովագրութիւն եւ այլ առաաւելութիւններ, որպէսզի հայ երիտասարդը ներքաշուի այս բնագաւառը.

Դ) Հաստատել կրթաթոշակներ ու մրցանակներ, որպէսզի հայ երիտասարդն ու կրթական մարզում աշխատողն աւելի քաջալերուի եւ սիրով ու գոհունակութեամբ իր ստանձնած աշխատանքին նուիրուի։

Ընդհանուր կրթական մարմինը պէտք է բաղկանայ կրթական մարզի բանիմաց անհատներից եւ պէտք է հեռու մնայ յանձնարարութիւններից. մինչ վերոյիշեալ թարմ ու երիտասարդ կրթական կազմի պատրաստելը պիտի օգտագործի համայնքիս մէջ արդէն առկայ կրթական կենտրոնները նոր ուժեր պատրաստելու կամ պաշտօնի վրայ գտնուողներին վերապատրաստելու եւ վերաթարմացնելու համար ու աշխատանքի գործուղի համայնքումս գտնուող որակեալ, բանիմաց ու նուիրուած ուժեր։ Այս Մարմինը, ի մտի ունենալով իր ուսերին դրուած աշխատանքների բազմազանութիւնն ու տարողութիւնը՝ իր գործունէութեան տարբեր բնագաւառների համար պիտի նշանակի համապատասխան յանձնախմբեր եւ ենթայանձնախմբեր. օրինակ՝  կրթական, տնտեսական, շինարարական, ծրագրային, յարաբերական-քարոզչական, կենցաղային, մրցանակաբաշխութեան եւ այլն։ Սոյն յանձնախմբերն ու ենթայանձնախմբերը կը գործեն անկախաբար, սակայն հաշուետու կը մնան Ընդհանուր կրթական մարմնին։

Ընդհանուր կրթական մարմինը իր գործունէութեան ծրագրում պէտք է ընդգրկի յարմար եւ նպատակասլաց միջոցառումների շարան՝ հերթական հանդիպումներ ծնողների հետ՝ ծնողական լսարաններ, որպէսզի հայեցի կրթութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը ամրապնդուի նրանց սրտի ու հոգու մէջ, եւ աստիճանաբար հայ ընտանիքը դառնայ երեխայի առաջին դպրոցը։

Կրթական յստակ ու համատարած ռազմավրութեան եւ  մարտավարութեան առկայութեան դէպքում կարելի է յուսալ, որ մենք կը գոյատեւենք մինջեւ այն երանելի օրը, երբ կը վերահաստատուենք ու կը բնակուենք մեզ ազգային սնունդ ներարկող մեր հայրենիքում։

ՕՆՆԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ  Հայոց լեզուի դասախօս է:

Ի Խնդիր Հայ Դպրոցի Պահպանման
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ Հայ Դպրոցի անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային  կեանքին մէջ: Հայ Դպրոցը  կոչուած է Մարդակերտութեան եւ Հայակերտութեան վսեմ գործին:   Անոր նպատակն է  հայ տղաքն ու աղջիկները կեանքի պատրաստել, անոնց նկարագիրը կերտել, անոնց բանական եւ հոգեկան աշխարհը ձեւակերպել:

Հայ Դպրոցին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ դաստիարակչական գործի արդիւնաւորումն է: Այս իմաստով, Հայ Դպրոցը կոչուած է մանուկն ու պատանին գիտակ դարձնելու մտաւոր եւ բարոյական զարգացման եւ առօրեայ կեանքի պայքարին պատրաստ ըլլալու կարեւորութեան:

Անտարակոյս, ընտիր նկարագիրի կազմութիւն, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութիւն ջամբել,  տիպար քաղաքացիներ պատրաստել, գիտութիւն եւ ծանօթութիւն ուսուցանել՝ կարեւոր տարրերն են ընտիր դաստիարակութեան:

Սակայն, ասոնց  հետ եւ ասոնցմէ անբաժան, Հայ Դպրոցին կենսական նպատակներէն ու առաքելութիւններէն մէկն ալ հայեցի դաստիարակութիւնն է:  Հայեցի դաստիարրակութիւնը՝ հայ աշակերտին ջամբուած հայկականութիւնն է: Հայկականութիւն, որ ենթակային կը շնորհէ ժողովուրդի մը, իւրայատուկ  հաւաքականութեան մը պատկանելու իրաւունքը, առանձնաշնորհը եւ պարտաւորութիւնը:

Հայ Դպրոցը հայ մանուկին «երկրորդ տուն»ն է: Հայակրթութեան ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մին է անիկա, ուր կարելի է լաւագոյն հայեցի դաստիարակութիւնը ջամբել նորահաս հայ սերունդներուն:

Հայ Դպրոցը այն կրթարանն է, ուր հայ մանուկներ ոչ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ նաեւ կը հաղորդուին Մեսրոպեան տառերով եւ կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ աղօթքներն ու երգերը:

Հայեցի դաստիարակութեան հիմը կը կայանայ հայերէն լեզուի ուսուցման եւ մայրենի լեզուով հայ ոգիի եւ ոգեկանութեան ջամբումին մէջ: Հայաստանի եւ Արցախի հայրենի մեր հողերուն վրայ հայեցի դաստիարակութիւնը լռելեայն ընդունուած իրողութիւն մըն է: Բայց Սփիւռքի մէջ առաւելաբար հայ դպրոցին առաքելութիւնը հայակրթութիւնն է, որովհետեւ հայ տղան եւ հայ աղջիկը հա՛յ պիտի կրթուին: Անոնք կրնան աշակերտել որեւէ դպրոցական յարկի ներքեւ, բայց միայն հայ դպրոցին մէջ է, որ հայեցի դաստիարակութիւնը պիտի դառնայ մայրենի լեզուով եւ անով է որ պիտի փոխնացուի հայ ոգին սերունդէ սերունդ:

Անուրանալի է հայ դպրոցին դերը նոր սերունդներուն փոխանցած իր շունչով եւ ընծայած հայեցի մթնոլորտով, որոնց հետ միասին հայ զաւակներ կ՛առաջնորդուին ինքնաճանաչման, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անցեալի ու ներկայի կեանքին:

Հայ տղան ու հայ աղջիկը իր ամէնօրեայ կաթին ու հացին չափ պէտք ունին հայ դպրոցի ոգեղէն սնունդին, առանց որուն անոնց ազգային դիմագիծը հետզհետէ կը տժգունի, կը խամրի ու կը չորնայ:

Սակայն, Հայ Դպրոցը առանձինն անկարող է լման եւ համապարփակ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել: Անոր կողքին կան հետեւեալ երկու կարեւոր գործօնները.

1. Հայ Ուսուցիչը:  Հայ դպրոցը իր յառաջապահ դերին մէջ պահելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազգային խոր գիտակցութեամբ ընտիր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Դպրոցը հայակերտումի վարակիչ օճախ  դարձնելու համար անհրաժեշտ է զօրացնել հայ  ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որովհետեւ հոգեւոր արժէքներու եւ հայկականութեան ապրումի լաւագոյն եւ ամէնէն ազդու սերմնացանը հայ ուսուցիչն է: Առանց հայ ուսուցիչին՝ անդիմագիծ ուսումնարաններու կը վերածուին մեր դպրոցները: Ընտիր եւ լիիրաւ հայ ուսուցիչը կը հաղորդէ, կը համոզէ եւ կը ստեղծագործէ: Ան ոչ միայն հաղորդիչ մըն է գիտելիքներու, գաղափարներու եւ հմտութեան, այլ նաեւ իտէալապաշտ գաղափարախօս մըն  է:

Դժբախտաբար, Հայ Ուսուցիչին հանդէպ կարգ մը հայ մարդոց յարգանքն ու սէրը հետզհետէ կը տժգունի: Անոր կոչումին, նուիրումին եւ զոհողութիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած ընկերային վերաբերումը աններելի է: Անոր ընկերային ու նիւթական կենսամակարդակը բարձրացնելու մասին շատ քիչ մտածող կայ: Միւս կողմէ, սակայն, անոր ասպարէզային թերագնահատումը ընողներուն թիւը շատ է:

Անշուշտ չենք կարծեր որ ընկերային ու նիւթական խոստմնալից ասպարէզի մը հեռանկարը կրնայ ընտիր հայ ուսուցիչ պատրաստել: Բայց կը հաւատանք, որ իր կոչումին բարձրութեան վրայ կանգնած հայ ուսուցիչը պէտք չէ ենթարկուի չէ նիւթական անձուկ պայմաններու:

Հայ ուսուցիչին դերը բախտորոշ է նորընձիւղ հայ սերունդները իրենց ինքնութեան տէր դարձնելու, հայաճանաչման ճամբով զանոնք անքակտելիօրէն կապուած պահելու հայ մշակոյթին, ինչպէս նաեւ զանոնք խմորելու եւ կոփելու՝  նկարագրով, մտաւոր եւ բարոյական յատկանիշներով յանձնառու հայեր դարձնելու գործին մէջ:

2. Հայ Ընտանիքը: Հայ դպրոցը անկարող է ամբողջական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել առանց անոր գլխաւոր նեցուկ եղող հայ ընտանիքին: Դաստիարակչական գործը կը սկսի ընտանեկան յարկէն: Ընտանիքը առաջին դպրոցը ըլլալով՝ կոչուած է մանուկը կրթելու, առաջնորդելու եւ կոփելու նուիրական աշխատանքին:

Ընտանեկան յարկը մեր գոյամարտի բերդը եղող՝ Հայ Դպրոցը պահող ամէնէն վճռական ազդակներէն մէկն է: Ի վերջոյ, եթէ հայու ոգին ծնողքէն չփոխանցուի զաւակին, դպրոցը ամէն բան չի կրնար ընել: Երախան իր ծնունդէն իսկ հայ մթնոլորտի մէջ պէտք է մեծնայ: Այդ մթնոլորտը կրնայ ստեղծուիլ եթէ ծնողքը ինքզինք կապուած կը զգայ հայ կեանքին, առաւել կամ նուազ չափով իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական, ազգային ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն, հայերէն գիրք ու թերթ կը կարդայ, հայ բարեկամ ընտանիքներու հետ կապ կը պահէ, եւ իր ամէնօրեայ ապրումներով կ՛ապացուցանէ իր հայ ըլլալու հպարտութիւնը: Ծնողաց կեանքի օրինակը ամէնէն ներշնչիչ եւ վարակիչ իրականութիւնն է, որ իր մնայուն եւ հզօր ազդեցութիւնը կրնայ ձգել մանուկներուն վրայ:

Հայ Դպրոցին համար թափուած ամէնէն անձնուրաց ճիգերը եւ տրամադրուած ամէնէն առատ զոհողութիւնները ապարդիւն կրնան մնալ, եթէ ծնողներ ամբողջական գործակցութիւն չընծայեն դպրոցը վարող մարմիններուն:

Առանց հայաշունչ յարկի՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել կարելի չէ: Այս իրողութեան լոյսին ներքեւ՝ այն ինքնապարտադիր եզրակացութեան կը յանգինք, թէ նախ անհրաժեշտ է դաստիարակել հայ ծնողներէն շատեր, որպէսզի իրենց զաւակներուն չզլանան ու անոնցմէ չխլեն ա՜յն իրաւունքը, որ բոլոր հայերուն առանձնաշնորհն է  իբրեւ հայ մեծնալու անկապտելի եւ դարէ-դար փոխանցուած ժառանգական իրաւունքը:

Դժբախտաբար, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն արմատախիլ ըրաւ հայ ժողովուրդը իր բնաշխարհէն, այլ նաեւ ջլատեց մեր ազգային հաստատութիւնները եւ վնաս հասցուց Հայ Դպրոցին:

Ի հեճուկս այս ամէնուն, սակայն,  Հայկական Ցեղասպանութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք՝ թուրքի եաթաղանէն մազապուրծ հայ «Մնացորդացը» իր բնակած նորանոր գաղութներուն մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ հիմնեց: Տարագիր հայութիւնը մէկ կողմէ՝ իր նիւթական, տնտեսական ու քաղաքական ծանրակշիռ պայմանները ջանաց յաղթահարել, միւս կողմէ՝ աստիճանաբար կարգաւորեց կրթական գործը, նորանոր դպրոցներու ցանց մը ստեղծելով:

Սկզբնական շրջանի հայ գաղթականներուն կողմէ կառուցուած տախտակաշէն դպրոցաշէնքերը՝ յետագայ տարիներուն վերածուեցան բաղդատաբար աւելի արդի եւ հրապուրիչ կրթական շէնքերու, որոնց կողքին հետզհետէ հիմնուեցան նաեւ ուսման նոր հայ հաստատութիւններ:

Իրերայաջորդ բազմաթիւ սերունդներ թրծուեցան հայկական վարժարաններու շունչով, հայ մշակոյթի սիրով: Այդ դպրոցները հաղորդակից դարձուցին իրենց վստահուած հայ աշակերտութիւնը՝ հայ ժողովուրդի անցեալի պատմութեան, անոր յոյսերուն եւ յուսախաբութեանց, անոր նուաճումներուն եւ ձախորդութեանց, անոր իտէալներուն եւ երազներուն, անոր փառքին ու տառապանքին:

Ժամանակի թաւալումին հետ, սակայն, հետզհետէ մեր երբեմնի հայաշատ գաղութներուն մէջ սկսան փակուիլ հայ դպրոցներ: Միայն անցնող 3040 տարիերուն ընթացքին աւելի քան 70 ամէնօրեայ հայկական դպրոցներ փակուեցան…

Ներկայիս Արտասահմանի մէջ գործող ամէնօրեայ հայկական դպրոցներուն թիւը մօտաւորապէս 270ի կը հասնի, իսկ աշակերտութեան թիւը՝ շուրջ 47,000ի: Սոյն կրթական հաստատութիւնները կը գտնուին, այբբենական կարգով, հետեւեալ 18 երկիրներուն մէջ. – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Արժանթին, Գանատա, Եգիպտոս, Թուրքիա, Իսրայել, Լիբանան, Հնդկաստան, Յունաստան, Ուրուկուէյ, Պարսկաստան, Պուլկարիա, Ռուսիա, Սուրիա, Վրաստան, Քուէյթ, Ֆրանսա:

Եթէ նկատի ունենանք այն պարագան որ աշխարհի բովանդակ հայութեան թիւը շուրջ 10 միլիոն է եւ Սփիւռքահայութեան ալ ընդհանուր թիւը շուրջ եօթը միլիոն է՝ նոյնիսկ եթէ հաշուի առնենք Սփիւռքի դժխեմ պայմանները, գաղութահայ դպրոցներու թիւը պէտք էր առնուազն եռապատիկ ըլլար: Այլ խօսքով, բաղդատած մեր ներկայ իրավիճակին, մենք պէտք էր որ աւելի քան ութը հարիւր դպրոցներ եւ առնուազն հարիւր երեսուն հազարէ աւելի աշակերտութիւն ունենայինք գաղութահայ մեր իրականութեան մէջ: Այս պատկերը բաւական լուրջ եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը կը պարզէ, որ Սփիւռքահայ հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարութեան ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնայ:

Անցեալին, հակառակ Սփիւռքահայութեան տնտեսական համեստ (նոյնիսկ աննպաստ) պայմաններուն, հայ դպրոցը յաջողեցաւ շնորհիւ անցնող սերունդներու անսպառ զոհողութեան, հոգածութեան եւ հուժկու ջանքերուն: Ինչո՞ւ ներկայիս տարբեր ըլլայ պարագան, մանաւանդ երբ տնտեսական պայմանները շատ աւելի նպաստաւոր են մեր գաղութներու մեծամասնութեան համար: Ինչ պատճառներ կամ պատճառաբանութիւններ ալ մէջտեղ նետուին՝ արդարանալի չեն, որովհետեւ հայ դպրոցին դերը անփոխարինելի է: Անվիճելի իրողութիւն մըն է այն, որ հայ դպրոցը ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն է մեր մնայուն արժէքներու ժառանգութիւնը կտակելու նոր սերունդին եւ հայրենահեռու գաղութներու մէջ մեր Հայրենիքի եւ Մայրենիքի (մայրենի լեզուին) սիրոյ կրակը վառ պահելու հայ սրտերուն մէջ:

Իրերու եւ իրողութեան այս լոյսին տակ՝ Սփիւռքահայութեան համար անհրաժեշտ են տեսիլք, աննկուն կամք եւ նիւթական զոհողութիւն, որպէսզի հայ դպրոցը մնայ կանգուն եւ կարենայ կատարել իր առաքելութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ հայ մարդը համոզուի հայ դպրոցի կենսական դերակատարութեան եւ նպաստին՝ հայապահպանումի նկատմամբ: Եւ որովհետեւ բարեհաճ իղձերով կարելի չէ տեղ  մը հասնիլ, անհրաժեշտ է որ հայ տունը հայ մնայ: Անհրաժեշտ է նաեւ դպրոցը տնտեսապէս ինքնաբաւ դարձնել, որպէսզի ան ալ, իր կարգին, ընտիր նկարագրի եւ հայեցի դաստիարակութեան համար հարկ եղած որակաւոր հայ ուսուցիչներ վարձէ, ազդու ուսումնական եւ կրթական ու հայեցի մթնոլորտ ստեղծէ՝ ի խնդիր հայութեան ապագան եղող նոր սերունդներուն:

Ըսած ենք, եւ դարձեալ կը կրկնենք, եթէ հայ մարդիկ իրենց բարօրութեան եւ հաճոյքի պահանջներուն համար մեծ գումարներ կրնան ծախսել, արդար չէ՞, որ հայ մշակոյթի եւ իրենց ազգային ինքնութեան պահպանման սատարող Հայ Դպրոցին նեցուկ կենան բարոյապէս, բայց մանաւանդ՝ նիւթապէս:

Արդ, ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է Հայ Դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, իսկ այդ յառաջապահութիւնը կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական անվերապահ զոհողութիւններու: Յատկապէս, հանրային ղեկավարութեան կոչուած մարմիններ, կազմակերպութիւններ, կրթական գործի վերակացուներ եւ հոգաբարձութիւններ իրենց առաջնահերթ պարտականութիւնը պէտք է սեպեն են ներշնչել, խրախուսել եւ հրահրել հայ զանգուածները, մանաւանդ հայ մեծատուններն ու ունեւոր դասակարգը, որպէսզի միասնաբար նեցուկ կենան հայ մշակոյթի գլխաւոր գործօն եղող Հայ Դպրոցին:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Բաց Նամակ Դարաւոր Թշանամի Հարեւաններիս՝ Թուրքերին Ու Ազերիներին.

ԽՈՐԷՆ ԱՐԱՄՈՒՆԻ

Ոչ մի բարեւ:

Ծնուել եմ Իրանում, ձեզ ճանաչել եմ պատմութիւնից ու ահաւոր ատել եմ: Գիտեմ, ատելութիւնը թունաւոր, հրէշաւոր երեւոյթ է, հայերը վարակուած են այդ թոյնով, դուք սրսկեցիք այդ թոյնը, իսկ ես, ուզում եմ մաքրուել, դրա համար էլ գրում եմ այս նամակը: Ուզում եմ սիրել աշխարհի բոլոր մարդկանց ու բարձր բղաւել՝ Բարեւ… Փոքր էի, չէի հասկանում թէ պարսիկները ինչո՞ւ են ձեզ համեմատել էշի, աւանակի հետ, այսինքն առանց էշ ածականի թուրք չէին ասում: Դա եթէ պատահական, ոչ հիմնաւորուած լինէր, մինչեւ այսօր չէր օգտագործուի: Մի նեղացէք, այդ առումով դուք բախտաւոր էք, էշը՝ բարի, ազնիւ, հլու-հնազանդ, չարքաշ կենդանի է, պատահական չէր, որ Քրիստոսը, ոչ թէ ձիուն, այլ՝ էշին նստած մտաւ Երուսաղէմ: Ուղղակի զարմանում եմ, որ դարերի մշակոյթ ունեցող, իրենց բանաստեղծներով, փիլիսոփաներով ու գիտնականներով, մի խօսքով իրենց հանճարեղ մտածողներով աշխարհին զարմացրած այս հրաշալի պարսիկ ազգը ինչպէ՞ս է իրեն թոյլ տուել ձեզ պիտակել ընտանի կենդանու անունով… Չէ որ ընտանի կենդանին մարդ չի ուտում, իսկ դուք մի ամբողջ ազգ յօշոտեցիք…

Ինչ աչք եմ բացել, ընտանիքս, ազգիս փոքրիկ մասնիկը, սգի մէջ է: Ամբողջ կեանքում հաց ու ջրից աւելի շատ լսել ու օգտագոծել ենք եղեռն, ոճիր, ջարդ, կոտորած, սպանդ, ցեղասպանութիւն, արցունք, արիւն, թուրք, սուլթան, օսման, հայուան, վայրագ, ենիչերի, աւազ, անապատ, սով, քաղց, ծարաւ… կուշտ հաց ուտել չէինք կարողանում… Հայոց լեզուիս առաջին դասը եղել է նրա մասին, թէ Տէր Զօրի անապատում սոված ու ծարաւ հայ երեխաներին աւազի վրայ ինչպէս են սովորեցրել հայերէն այբ ու բենը… պապիս ու հօրս ուսերին եմ մասնակցել «յանուն արդարութեան», «թող չկրկնուի…» ցոյցերին, մեր բոլոր ուրախութիւնները, տօնակատարութիւնները սկսուել են մէկ րոպէ լռութեամբ: Ամբողջ Ապրիլ ամիսը զբաղուած ենք եղել եղեղեռնի յիշատակը պատշաճ տօնելու աշխատանքներով… Ապրիլ ամսում հարսանի՞ք, դա հնարաւոր չէր, անգամ ամաչում էինք ծիծաղել, անեկդոտ պատմել: Ի՞նչ է, չէ՞ք կարծում Իրանի հեռաւոր գիւղերում, 1948 թուականին ծնուած անձս եւս եղեռնազարկ է… Ինչո՞ւ թոյլ չտուեցիք մարդավայել ապրել, չափսոսալ, չատել, տարին տասներկու ամիս ժպտալ, աշխարհի գրականութեան հետ կարդալ նաեւ թուրքականը, առանց ամաչելու լսել թուրքական երաժշտութիւն ու դիտել թուրքալեզու հեռուստացոյց… Կնոջս հետ միասին կարպետ էինք գնել, տուն տարանք, գեղեցիկ էր, տասնվեց տարեկան աղջնակս նայեց պիտակին ու ասաց. «Կը տանէ՛ք, կը վերադարձնէք, թրքական է»:

Չգիտեմ ինչո՞ւ, բայց յուզուեցի… Իմ աղջիկն էլ էր եղեռնազարկ եղել: Չէ՞ք կարծում, որ նա էլ է ատում ձեզ: Չեմ ուզում նա ատել իմանայ, նրան սիրել է պէտք… Միշտ ինքս ինձ հարց եմ տուել. «Կարո՞ղ եմ մարդ սպանել» ու սարսափել եմ, մարմնովս դող է անցել ու մտածել եմ. «Բա նրանք ինչպէ՞ս են…»: Իսկ հիմա՞… Եթէ ոչ ֆիզիկապէս, ապա ինչո՞ւ էք փորձում աւելի քաղաքակիրթ մեթոդներով, ժխտողական քաղաքականութեամբ սպանել ցեղասպանութիւնից մազապուրծ եղած մարդկանց թոռնիկների ոգին, ինչո՞ւ չէք ուզում ձեզ սիրեն: Ինչո՞ւ էք հետապնդում ձեր ժողովրդի մտածող այն անդամներին, որոնք մարդ դառնալով ամաչում են իրենց պապերի գործած ոճիրների համար ու ցանկանում են ամենատարրական իսկ քաղաքակրթութեամբ, միայն մէկ «ներողութիւն» բառով, հայցեն տուժողների ներողամտութիւնը, ինչո՞ւ թոյլ չէք տալիս թուրք նոբելեան մրցանակակիրը իր իսկ հայրենի հողի վրայ, իր տանը ազատ շունչ առնի, եւ ի ցոյց նրան՝ հայ մտաւորականին էք ահաբեկում իր իսկ խմբագրատան առաջ…

Չեմ ուզում աղջիկս որեւէ մէկին ատի…

Հարցերը շա՜տ են… Գուցէ եւ նամակս էլ մի քիչ տարօրինակ, մի նեղացէք, ուրիշ կերպ լինել չէր կարող, որովհետեւ մէկ տարի է ինչ աշխատում եմ պարսիկ գրող՝ Էսմայիլ Ռայինի «Հայերի զանգուածային կոտորածները» գրքի թարգմանութեան վրայ: Ռայինը իր գրքի նախաբանում այն համոզումն է յայտնել, որ դուք իրօք մարդ էք դարձել ու մուտք էք գործել քաղաքակիրթ աշխարհ, բայց ես դրան չեմ հաւատում, դա պարզապէս գրել է ձեզ սիրաշահելու համար, 70ականներին գրքի տպագրութիւնը խոչընդոտների չհանդիպելու համար, նոյն բանը արել է նաեւ Սեյէդ Մոհամադ Ալի æամալզադեն: Նա իր յուշերի աւարտին գրում է. «Այսօր պէտք է փառք տանք Աստծուն, որ թուրքական կառավարութիւնը վարում է աշխարահաճոյ քաղաքականութիւն…»:

Հաւատա՞նք… Ասում են մարդու թշնամին անգամ, պիտի կիրթ լինի, բարեկիրթ, վատ չի լինի նաեւ՝ հարուստ: Երեք միլիոնից աւել միայն գերմանիայում էք, այդ երեք միլիոնը գոնէ ներողութիւն ասել սովորեր, ինչո՞ւ քաղաքակիրթ, բարեկիրթ մարդու կողքին ապրելով քաղաքակրթութեամբ չէք վարակւում, ինչո՞ւ նրանց ամենատարրական մշակոյթը չի ազդում ձեզ վրայ: Այդ ինչպէ՞ս պատահեց, որ իրենց շահերից ելնելով, հայերին ձեր երախը գցող գերմանացիները կարողացան ողջակիզուած հրեայ ժողովրդից ներեղութիւն խնդրել ու մինչ օրս փոխհատուցել…  Երբեմն մտածում եմ ինչ լաւ է, որ գերմանացիները հրեաներին խորովել, յետոյ են «կերել», ինչո՞ւ դուք չէիք ազատւում նախամարդու բնազդից, գոնէ մեր երեխաներին եփէիք, խորովէիք, ոչ թէ բռնաբարէիք ապա դիերը անգղներին ու բորենիներին բաժին հանէիք: Ինչո՞ւ 70 տարուայ սովետական կարգերը ձեր ցեղակից ազերիներին չկարողացան հասկացնել, որ Տիգրանակերտը հայկական քաղաք է, դեռ հինգերորդ դարից եկած Ամարասներն ու Գանձասարները ոչ թէ մզկիթ, այլ հայկական եկեղեցիներ են… Կա՛մ սովետական պետութիւնը ինչպէ՞ս կարողացաւ էդ ձեր «հանճարեղ» եղբայրներին ու քոյրերին համոզել հակառակը… Հիմա ինչպէս չհաւատալ ձեր ցեղին տուած՝ էշ, պիտակին: Ախր, որ այդպիսին չլինէիք Ղարաբաղի համար պատերազմ կ՛անէի՞ք, Հայաստանի հետ սահմանները կը փակէի՞ք: Չէ՞ք յիշում հայր Ալիեւը ինչպիսի գեղեցիկ քաղաքանութիւն էր վարում, մերոնք էշի ականջին քնած, Ալիեւը հարիւր հազարաւոր ազերի էր բնակեցնում Հայաստանի ռազմավարական ամենմեծ ու ամենակարեւոր նշանակութիւն ունեցող տարածքներում… Նա, էդ ամենաազգասէր հայր Ալիեւը, քանի՜-քանի՜ տասնեակ անգամ Նախիջեւան մտաւ… Այն ինչ, Հայաստանում, ազգային հերոս դարձած Դէմիրճեանը, Ղարաբաղի տեղն անգամ չգիտէր: Ինչո՞ւ պատերազմ սկսեցիք, Ղարաբաղը կցէիք Հայաստանին, երեք հարիւր հազար ազերիներին աւելացնէիք նաեւ մի քանի հարիւր հազար, դուք լաւ գիտէք, որ առնէտի պէս էք աճում, աճէիք էլի, ձեզ ո՞վ էր խանգարում, Թուրքիան էլ իր դռները կը բացէր հայերի առաջ, վեց հազար պոռնիկի հետ վեց հարիւր հազար էլ աշխատուժ կը ներկրէր… Հա՛, մի կասկածէք, այդ հնարաւորութիւնը մերոնք տալիս են, մերոնք իրենց քաղաքացիներին երկրից փախցնելու համար ամէն ինչ անում են, նրանց վանելու համար դիւրին պայմաններ են ստեղծում… Հա՛, կը փախչէինք, սիրով կը գայինք, դուք էլ առիթից կ՛օգտուէիք ու ձեր հարեմների համար, ինչքան ցանկանայիք՝ աղջիկներ… Էն տասնհինգ թուականներինը տարբեր էր, դեռահաս, ահել ու ջահել, բռնի տանում էիք, բռնաբարում յետոյ էլ աւազով խեղդում էիք, հիմա ոչ մի խնդիր չէիք ունենայ, հիմա կամաւոր կը գային, վկայ Հայաստանում վխտող պարսիկներն ու նրանց վայելած հայ աղջիկները…

Այս հարցի շուրջ յաճախ եմ խորհում ու էլի գալիս եմ այն եզրակացութեան, որ իսկապէս պարսիկները հանճարեղ են, համոզուած եմ, որ նրանք ձեզ էշ ասելով ոչ թէ նկատի են ունեցել ձեր հեզ, համեստ, խոնարհ ու չարքաշ լինելն ու ապրած կենսաձեւը, այլ պարզապէս, մեծատառով՝ ԷՇ լինելը: Ախր ինչպէս չկարողացաք գուշակել, որ միեւնոյն է, Հայաստանը դատարկուելու է, որ այնտեղ, «թագաւորական» գահերին նստած, ձեզանից ոչ պակաս… լեզուս չի պտտում ասել…  Ապաշնորհ, ապազգային ղեկավարութիւնը, որոնք գուցէեւ մոնղոլ-թաթարի, թուրքի արիւն են կրում իրենց երակներում, անում են այն՝ ինչ ձեզ չյաջողեց անել, մեր «խելացի» պետական այրերին յաջողւում է իրականացնել ձեր դարաւոր երազը՝ Հայաստանն առանց հայերի: Ընդունէ՛ք ցեղասպանութիւնը, մոռացէ՛ք Ղարաբաղը, բացէ՛ք սահմանները, դուք մտէ՛ք Եւրոմիութիւն, մենք կը յայտնուենք պանթուրքիզմի սահմաններց ներս, դրանով թէ հայոց հարցը կը լուծուի, թէ՝ կ՛իրականանայ երիտթուրքերի համար այդքան ցանկալի ու պանծալի երազը:

Ինչ իմանամ, այն ժամանակ գուցէ ես էլ ձերբազատուեմ ատելուց…

Անհրաժեշտ Է Արմատական Փոփոխութիւն
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ

Յառաջիկայ գարնան սպասուող Ազգային ժողովի ընտրութիւններին մնացել է մի քանի ամիս: Թէժ օրեր են սպասւում:

Մտահոգիչ հարցադրումներով եւ դրական հանգուցալուծում պահանջող, տագնապայարոյց օրեր: Արդեօ՞ք ժողովուրդը, գոնէ այս անգամ, ընտրութիւններին կը մասնակցի որպէս՝ իր քուէի  ուժի եւ իրաւունքների տէր կանգնող գիտակից քաղաքացի, որ արժեւորելով իր ձայնը, կ’իմանայ թէ ում է ընտրելու եւ ինչու:

Ժողովրդի մօտ զգացւում է անտարբերութիւն եւ յուսալքուած վիճակ, որ իր արդարացի պատճառներն ունի: Հասարակութեան  զգալի մասը  կանգնած է աղքատութեան եզրին: ԱԺ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի գնահատմամբ՝ «Կարող է արդեօք երկիրը կոչուել սոցիալական, երբ աղքատութեան շեմը անցնում է  35 տոկոսի սահմանը, երբ երկրի բնակչութեան իւրաքանչիւր երրորդը աղքատ է, իսկ իւրաքանչիւր տասներորդը՝ ծայրայեղ աղքատ»:

Ժողովուրդը կորցրել է հաւատը ընտրութիւնների արդարացիութեան հանդէպ, հաւատը՝ ապագայում կատարուելիք դրական փոփոխութիւնների հանդէպ, հաւատը՝ երկրի ղեկավարների հանդէպ: Իշխող «վերնախաւ»ը աւելի ու աւելի է հարստանում եւ ուռճանում, իսկ ժողովրդի զգալի մասը գտնւում է աղքատութեան  մէջ:  Ժողովուրդը կորցրել է հաւատը պետութեան ղեկին նստած նախագահի եւ կառավարութեան  անդամների հանդէպ, որոնք շարունակում են վարել ապազգային քաղաքականութիւն:

Մեծ է առաջնորդի դերը ժողովուրդների  կեանքում: Նա  կողմնացոյց է  իր ժողովրդի համար, ում ուսերին է ծանրացած մեծ պատասխանատուութիւն՝ հասարակութեանը ճիշդ ճանապարհով ուղղորդելու, դժուարին իրավիճակներից  դուրս բերելու եւ անսայթաք կերպով ժողովրդական զանգուածներին դէպի բարգաւաճ ապագայ առաջնորդելու կարողութիւն: Պետութեան ղեկին պէտք է նստեն հայրենասէր, արդարամիտ եւ ժողովրդի բարօրութեամբ իրապէս մտահոգ նուիրեալներ, ժողովրդի եւ պետութեան շահերը գերադասող անձինք, որոնք  ի վիճակի կը լինեն երկրում հաստատել արդար օրէնքներ, բարեկեցիկ կեանք: Պատմութիւնից յայտնի է, որ հայ ժողովուրդը ունեցել է նաեւ այդպիսի ղեկավարներ ինչպէս՝ հինգերորդ դարում ապրած Վաչագան թագաւորը, որի արդար եւ ժողովրդահաճոյ գործերի համար ժողովուրդը նրան տուել է «Բարեպաշտ»  անունը:

Յիշարժան շատ գործեր է թողել  նաեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան  օրօք կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար՝ Նիկոլ Աղբալեանը, ով  իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրերից կազմել է ժողովրդի կեանքը բարելաւող բազմաթիւ օրինագծեր, ինչպէս՝ կրթութեան եւ արուեստի բնագաւառում պաշտօնավարողների աշխատավարձի յաւելում,  համալսարանի հիմնում եւ  համահայկական այլ բնոյթի իրագործումներ:  Համեմատութեան ոչ մի եզր  անցեալի եւ այսօրուայ  մեր հոգեւոր պետերի, ինչպէս նաեւ՝ ժողովրդին առաջնորդելու առաքելութեան դերն ստանձնած, բայց այդ դերակատարութիւնից ու ժողովրդից  շատ հեռու կանգնած  մեր պետական այրերի միջեւ: Նրանք հեռու են կանգնած ժողովրդից եւ չեն հետապնդում համազգային նպատակներ, զուրկ են ազգային գաղափարախօսութիւնից:

Հայաստանում տիրող օրեցօր վատթարացող  քաղաքական իրավիճակը, որեւէ ձեւով իր համապատասխան  հանգուցալուծումը պէտք է գտնի, որովհետեւ այն երկար  շարունակուել չի կարող:

Երբեմն թւում է թէ մենք անվերադարձ կորցրել ենք 1988ի  միասնական ոգին, որն աւաղ, եղաւ միայն մի կարճատեւ փայլատակում: Եթէ պետութեան ղեկին նստէին հայրենասէր, ազգային գաղափարախօսութեամբ առաջնորդուող ղեկավարներ, ապա, այսօր կ՛ունենայինք  այլ  հասարակութիւն՝ պետական ղեկավարների հանդէպ վստահութիւն եւ իր քուէի ուժի գիտակցութիւնն ունեցող հասարակութիւն: Պատճառներից մէկն էլ պէտք է փնտռել այստեղ: Այսօր այդ ոգեշնչման աղբիւրները չկան. բացակայում են հերոսական կերպարները: Մեծապէս զգացւում է առաջնորդների պակասը, առաջնորդներ, որոնք կը կարողանան իրենց ետեւից տանել ժողովրդին:  Գուցէ  մի նոր ազատամարտ է հարկաւոր,  որպէսզի ժողովուրդը, թափ տալով իր վրայի յուսահատութիւնն ու թմբիրը, ոտքի կանգնի եւ պատրաստ լինի  մեծ  փոփոխութիւնների:

«Առաջնորդը- որն իր ինչ եւ ինչպիսին լինելը ցոյց է տալիս մասնաւորապէս մեծ վտանգների ժամանակ – նա ամէն ինչ է ժողովուրդների կեանքում՝ անոնց այբն է  ու ֆէն: Նրա աջն է գծում ճակատագիրն ազգերի: Նա է անկեալ վիճակից բարձրացնում իր Հայրենիքը ինչպէս եւ վերջինի բանալիները վատօրէն օտարներին յանձնում: Այո, ամէն  ինչ է նա՝ ճակատագիրը, կենդանի ճակատագիրը իր ժողովուրդի: Նրա հետ է սկսւում ժողովուրդի փառքի կամ տկարութեան շրջանը: Վա՜յ այն ժողովրդին, որի առաջնորդը  կատարեալ չէ՝ ապագան բազում խաչեր ունի պահած  նրա համար:  Այսքան ահա, ճակատագրական է  առաջնորդի դերը ժողովուրդների կեանքում»: Առաջնորդի դերակատարութեան  մասին  Գարեգին Նժդեհի մտքերն են սրանք:

Հայրենիքից կատարուող արտագաղթի, քաղաքական կեանքի հանդէպ ժողովրդի անտարբերութեան  համար պատասխանատու են ղեկավարները:  Ներկայ իշխանութիւնների մէջ նա տեսնում է  ապիկար, անձնական շահերով առաջնորդուող եւ ազգային գաղափարախօսութիւնից զուրկ  ղեկավարների:

Ժողովուրդը յոգնել է ամէն ինչից, յոգնել է երկար սպասելուց: Բայց  նա իմաստուն է եւ գիտակցում է պահի լրջութիւնը, գիտակցում է, որ հասել է արմատական փոփոխութիւն կատարելու ժամանակը:

Գործը՝ Խօսքին Հետ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ցաւ ի սիրտ, ժխտական ձեւով կը պատասխանեմ վերջերս ինծի ուղղուած «մեր համայնքին հայկական վարժարանները, որոնց թիւը արդէն անբաւարար է, պիտի կարենա՞ն դիմանալ տնտեսական ներկայ

պայմաններուն լուծին տակ» եւ անոր ընկերացող «հայապահպանման ու համայնքի կազմակերպման մեր կիրարկած մարտավարութիւնը կրնա՞յ ըլլալ որ վաղուց ժամանակավրէպ դարձած է» հարցումներուն:

Սակայն, ինչո՞ւ պատասխաններս «ժխտական» են:

Նախ, ինչպէս գիտէք, մեր վարժարանները պետական նպաստ չեն ստանար: Ուստի, շնորհիւ անուանի եւ անանուն իրենց բարերարներուն, անձնազոհ ազգայիններուն, գթասիրտ միութիւններուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն սրտբաց օժանդակութեան, գերագոյն եւ մեծ ջանքերով միայն կարելի կ՛ըլլայ զանոնք պահել:

Հաւատացէ՛ք, բոլորս ալ մեծապէս երախտապարտ ենք:

Ասոնց կողքին եւ ասոնցմէ առաջ հայկական դպրոցները նաեւ կ՛ապաւինին իրենց շուրջ բոլորուած հայ ծնողներուն:

Կրկին՝ բոլորին երախտապարտ ենք եւ պիտի մնանք, իրենց վստահութեան եւ ուղղակի նիւթական քաջալերանքին համար:

Սակայն, մեկնելով երկրի ներկայ տնտեսական ծանր պայմաններէն հարց տանք, արդեօ՞ք այս բոլորով որքան ատեն հնարաւոր պիտի ըլլայ հայ վարժարանը «ոտքի» վրայ պահել:

Մինչեւ ե՞րբ մեր դպրոցները այսպէս քաշքշուելով պիտի ապրին «իրենց կեանքը», երբ անդին տեսանելի է, թէ տնտեսական ծանր պատճառներու բերումով շատ մը ծնողներ չեն դիմանար իրենց ուսերուն վրայ ինկած նիւթական բեռ-պարտաւորութեան ճնշման տակ եւ ստիպուած՝ իրենց զաւակը կամ զաւակները պետական վարժարան կը ղրկեն, ուր ուսումը ձրի է:

Տակաւին մօտ տարի մը առաջ էր, երբ մեր համայնքէն ներս նիւթականի եւ անոր հետեւանք՝ աշակերտութեան թիւի նուազումը պատճառ եղան հայ վարժարանի մը փակման:

Օր ցերեկով, մեր բոլորին աչքին առջեւ, հայ նախակրթարան մը փակուեցաւ, Սփիւռքի այս հայահոծ շրջանէն ներս, ուր շատերս եթէ ոչ ամէնքս ալ հայկական վարժարաններու ներկայ թիւը անբաւարար կը նկատենք:

Սոյն վարժարանի փակման լուրը բոլորիս համար ուղղակի ցաւալի էր, իսկական գոյժ մըն էր: Այս կը նշանակէր, թէ նիւթականի պակասի ստուերը, որ հրէշի մը նման ծանրօրէն նստած էր բոլորիս մտքերուն եւ հոգիներուն վրայ, արդէն իսկ իր աւերը սկսած էր գործել ու այս իսկ պատճառով վտանգի մը ահազանգը սկսած էր շատ յստակ հնչել:

Այս տխուր իրականութեան կողքին, կար նաեւ դրամին միւս երեսն ալ:

Այսպէս, այս հայ նախակրթարանին փակումէն շատ առաջ եւ նոյնիսկ անկէ վերջը, մեր շրջանէն ներս Աստուծոյ տաճարներու կառուցման համար բազմաթիւ նուիրահաւաքներ եղան: Բարերար-նուիրատուներ առատօրէն «տուին»:

Կրկին երախտապարտ ենք բոլորին, իրենց այս օրինակելի արարքին համար:

Ուրեմն, մէկ կողմէ մեր գաղութէն ներս վարժարաններ նիւթականի պակասէն կը տառապին, կը խեղճանան, պիւտճէական ամէնօրեայ տագնապներ կ՛ապրին, իսկ միւս կողմէ ալ եկեղեցաշինութեան ծրագրուած հրապարակային հանգանակութիւններ կը կատարուին:

Այս իրականութիւնը շատերուն ոչ միայն զարմանք կը պատճառէ, այլեւ քաջութիւն կու տայ հարցնելու, թէ արդեօ՞ք մեր համայնքի մէջ յանկարծ հայ քրիստոնեաներու թիւը աճած կամ բազմապատկուած էր, համեմատած հայ վարժարաններէ զրկուած հայ աշակերտութեան թիւին:

Եկէ՛ք հաշուենք. անցնող տասնամեակին մեր շրջանէն ներս, քանի՞ հատ նոր հայ ամէնօրեայ վարժարան բացուած է, իսկ անոր դիմաց, քանի՞ նոր եկեղեցի հիմնուած:

Պատասխանը ձեր մօտն է:

Գիտենք, որ եկեղեցին յարգելի եւ նուիրական իր տեղը ունի մեր բոլորին մօտ, սակայն չմոռնանք, որ հայ վարժարանն ալ նոյնչափ՝ իրը ունի:

Խորքին մէջ այս նշուածները տագնապներ ստեղծող հարցեր են, որոնց մէջ առիւծի բաժինը ինչպէս որ շեշտեցինք՝ նիւթականն է, որ մեզ առաւել կը տանջէ, կը մաշեցնէ ու վայրկեանի մը համար կու գանք կրկին անգամ յանգիլ այն եզրակացութեան, որ այս ընթացքով արդեօ՞ք կարելի պիտի ըլլայ տասնամեակ մը եւս շարունակել կամ երկարել հայ վարժարաններու «կեանքը», այնպէս ձեւով մը, որ տէրը մնան իրենց կոչումին ու իրենց գոյութիւնը արդարացնեն:

Մտահոգիչ հարց է նաեւ, թէ մեր շուրջը այս մասին ի՞նչեր կը կատարուին, որոնց գրեթէ միշտ անգիտակ ենք: Առաւել հարց կու տանք, թէ այս ընթացքով մենք ո՞ւր կ՛առաջնորդուինք կամ կ՛երթանք, կամ ո՞ւր կ՛ուզենք երթալ եւ ինչո՞ւ այս ձեւով կ՛ընթանայ մեր ազգային կեանքը:

Մէկ խօսքով, ըսել կ՛ուզենք՝ ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ կ՛ուզենք ընել:

21րդ դար կ՛ապրինք եւ ականատես ենք, որ շատցած են մարդկութեան զանազան տագնապները: Միւս կողմէ ալ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը մեզ բոլորս ալ կարծես դարձուցած է աւելի յոռետես եւ չկամեցող:

Այսօր աշխարհը արագավազ է: Բոլոր իրադարձութիւնները ամէնօրեայ արագութեամբ կը հասուննան եւ դանդաղ քալող մարդը անպայմանօրէն ետ կը մնայ:

Կը հաւատանք, որ զանազան ձեռնարկներու կազմակերպման կողքին, ի նպաստ հայ վարժարանին, նիւթական առողջ ծրագրումներ պէտք է նախաձեռնեն մեր գաղութի պատասխանատուները, ղեկավարները, որպէսզի հայ դպրոցին կեանքը կարելի ըլլայ երկարել եւ զինք իր կոչումին համապատասխան վիճակի մէջ պահել:

Որովհետեւ, առ ի յիշեցում կը կրկնենք, թէ հայ վարժարանը, ըլլայ ան ամէնօրեայ կամ միօրեայ, իր հայ ուսուցիչով միատեղ, անփոխարինելի դերակատարութիւն ունի հայ մանուկին կամ երեխային ու նոյնիսկ պատանիին՝ հայու ոգի ներշնչելու եւ անոր հայապահպանման եւ հայակերտման աշխատանքներուն նպաստելու առաքելութեան մէջ:

Մեծ, բարերար ու ծափահարելի է հայ լեզուի ուսուցիչին պարտականութիւնը: Բնական է, որ տասնամեակ մը ետք նաեւ հայ լեզուի նոր ուսուցիչներու փնտռտուքին ալ պիտի սկսինք: Ուստի կը կարծենք, որ հայրենի ուսուցիչները պէտք է լաւապէս գնահատենք, յարգենք ու իրենց հետ նաեւ իրենց պաշտօնն ալ արժեւորենք ու դարձնենք նախանձելի ու ցանկալի:

Յայտնի է, թէ այստեղ արծարծուած հարցերը կամ խնդիրները այնքան ալ դիւրին կամ հեզասահ լուծուելիք ճամբաներ չունին, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ անոնք կը կարօտին լուրջ ուշադրութեան եւ ուսումնասիրութիւններու, մեծ ու տեւական նիւթականի եւ հետեւողական աշխատանքի:

Հայ դպրոցի պիւտճէն «միշտ բաց է կ՛ըսենք» ու յաճախ քմծիծաղով ալ կ՛անցնինք: Դպրոցի պիւտճէին մէջ կ՛իյնան ուսուցիչի, տնօրէնի ամսավարձքը, նոր դասագիրքերու տպագրութեան ծախսերը, գրենական պիտոյքները, ուսումնական եւ կրթական նոր ծրագիրներու մշակման եւ բարեփոխման համար անհրաժեխտ միջոցները, շէնքի նորոգութեան եւ տակաւին շատ ու շատ այլ անհրաժեշտ գործերու համար գումարներ:

Ու այս բոլորը ապահովելու համար հարց կու տանք, ի՞նչու տարին գոնէ մէկ անգամ չծրագրել հրապարակային կերպով, հայ բոլոր վարժարաններուն համար կազմակերպուած թելեթօն մը:

Միշտ յարգանք ու դրական աջակցութիւն ունինք միւս մեծ թելեթօնին կամ թելեթոններուն: Արցախն ու Հայաստանը եւ միւսները իրենց տեղը, Սփիւռքի հայ վարժարանն ալ իր տեղր:

Առաւել. տակաւին համոզուած ենք, թէ ազգային տուրքի ծրագրուած ու տոկոսային դրութեամբ հաստատումը (անխտիր գանձուած բոլորէն մեծ, պզտիկ, ղեկավար, հոգեւորական) իր բարերար դերը կրնայ ունենալ:

Տակաւին կրնան գտնուիլ ուրիշ ճամբաներ, որոնց մանրամասնութիւնները՝ ուրիշ առիթով:

Այս բոլորը իրագործելու համար հարց տանք, թէ ո՞վ է մեզ կաշկանդողը եւ միւս կողմէ սակայն, ո՞վ է այս մասին մտածողը:

Մեր ինքնութիւնը պահելու համար այսօր աւելի քան երբեք մեր մայրենի լեզուի էականութիւնը նախապայման է: Կասկած չկայ:

Կ՛ըսենք նաեւ, որ մեր լեզուն մեր ինքնութեան աղբիւրն է: Պարզ գործիք մը ըլլալէ առաջ, ան նաեւ միջոց է մեր ազգային նպատակին հասնելու: Լեզուն նաեւ գալիք ուղիները լուսաւորող շող մըն է եւ եթէ կ՛ուզէք նաեւ տուն է, հայրենիք է, լոյս է եւ յոյս է:

Մէկ խօսքով, անխտիր բոլորս ալ կը հաւատանք ու բեմերէն եւ մամուլի էջերէն «կը պոռանք», որ մայրենին մեր գոյութեան գրաւականն է: Հայ տան կողքին, կը պնդենք, որ հայ վարժարանն է այս բոլորին ծնունդ տուողը եւ կ՛աւելցնենք, հաւատալով նաեւ, թէ հայ դպրոցը հայ մարդ կերտելու դարբնոցն է. անոր համար «բացած» ենք զայն:

Հայ վարժարանն է որ մեր նոր սերունդին ինքնուրոյն եւ եզակի դիմագիծը կը պահէ, անոր մէջ հայութիւն ներշնչելով՝ կը կրկնենք շարունակ:

Հաստատ գիտենք նաեւ, թէ հայ տունէն եւ հայ դպրոցէն կը սկսի մեր զաւակներու ազգային ինքնութեան կազմաւորումը:

Ահաւասիկ հայ վարժարանին սրբազան առաքելութիւնը, որուն համար մեր բոլորին նիւթական զոհաբերութիւնը առաջնահերթ կը նկատենք:

Կարծեմ, այս բոլորը գիտենք, բայց դժբախտաբար միայն կը խօսինք:

Անոր համար, հո՛ս, մեր տողերն ու միտքերը ջղային տրոփում մը ունին,  անհանգիստ անհաւասար եւ հակասական:

Այնպէս կ՛երեւի, իրապէս չենք անդրադարձած ներկայ տխուր եւ մութ իրականութեան ու չենք գիտակցած որ կը շարունակենք մեր ճամբան մեր գիտցած ձեւով, մակերեսային, ձեւական:

Նոր դարաշրջան մը կ՛ապրինք, ուր ինքնագիտակցութիւնը էական է ինչպէս նաեւ՝ կեցուածք եւ ընբռնում պարտադրող: Վտանգաւոր հանգրուանէ մըն է, որ կ՛անցնինք: Այս մէկուն պէտք է լրջօրէն անդրադառնալ:

Կայունութեան հետ խառնուած ձեւականութեան զգացումը նստած է գաղութին վրայ եւ ծանրօրէն ու անզգալաբար մեզ կը տիրապետէ:

Կը հաւատանք նաեւ, որ հայ վարժարանին նիւթապէս նեցուկ կանգնելու կողքին, մեր համայնքն ալ, իր բոլոր կառոյցներով միատեղ, ինքզինք վերատե-սութեան պէտք է ենթարկէ: Արդէն ժամանակավրէպ, նոյնիսկ մաշած, հինցած ու անգործնական դարձած են մեր միութիւններու կանոնագրերն ու ծրագիրները:

Այնպէս կ՛երեւի, թէ ամէն տեղ անտարբերութեան մը մշուշը ծածկած է մեր մտածելակերպը: Մեր անդամակցած միութիւններէն ներս ամէն բան մակերեսային եւ ձեւական դարձած է թէ՛ որակակական եւ թէ՛ քանակի իմաստով:

Բարեբախտաբար այս բոլորը տեսնողներ կան, սակայն խօսողներ չկան, որովհետեւ, երբ իրականութիւն մը կը մէջբերուի, անմիջապէս դիմացդ նոր «թշնամի» մը կամ հակառակող հոսանք մը «կը բուսնի» ու յանկարծ դուն շրջանէն ներս կը դառնաս ամէնէն վատ մարդը:

Անոր համար է, որ շատեր «ինչուս պէտք է»ով մը կը հեռանան այսօրինակ աղմուկէն:

Ժողովուրդի ցեխէն վեր մնալը ու նեղմտութենէն դուրս գալը իրատես ու առողջ դեղատոմսեր կը նկատենք: Ատոր համար է, որ սկսած ենք ամէն առիթներով խօսիլ մեր մայրենի լեզուի մաքրութեան մասին:

Ըսենք, որ մեր լեզուի ու մանաւանդ արեւմտահայերէնի ախտաճանաչումը կատարուած է ամէն բեմերէ եւ ամէն մտահոգ մամուլի էջերէն: Հայ տուներէն եւ հայ դասարաններէն մինչեւ հայ միութիւններու ժողովները եւ ամէն տեղ հայախօսութեան նահանջը զգալի է:

Ասիկա նորութիւն մը չէ:

Ճիշդ է, որ պատճառները կարելի չէ մեր առօրեայէն վերցնել: Ուրեմն ամէն բանէ առաջ նախ մեզի կը մնայ ոչ թէ պատճառները հետապնդել, այլ զանոնք մեղմացնել: Առաւել մեր նոր սերունդը հասկնալ, անոր մօտենալ, անով զբաղուիլ:

Նման բաներ հայ տունէն եւ հայ դպրոցէն ու հայ ակումբէն կամ կեդրոնէն է որ կը սկսին:

Այս բոլորը այլեւս դասական դարձած ցաւեր են:

Ներկայիս գաղութէն ներս որոշ դրական ու գործնական շարժում մը չենք տեսներ, անոր համար կը սրտդողինք, կը յուսահատինք լուծում կը փնտռենք, կ՛ակնկալենք:

Ասոր կողքին հաւաքական եւ միասնական կամքն ալ չենք տեսներ, որպէսզի լուծման մը հասնելու եռանդը ապահովէ:

Միւս կողմէ կը հաւատանք, որ Հայ Դատին անբաժան մասն են մեր լեզուն ու մեր վարժարաններու կառոյցները:

Ամէն քայլափոխի կը հաստատենք, այս երկու ազդակներու տկարացումով մեր ուժականութենէն բաժին մըն է, որ կը պակսի:

Այսօր աւելի քան երբեք մենք հիմա ու անմիջական ապագային պահանջը կը զգանք մեծ բարերարներու, որոնք միայն հայ վարժարանին համար իրենց քսակները պիտի բանան:

Նաեւ անմիջական կարիքը կը զգանք ստեղծագործ միտքերու եւ  վճռական անձերու, որոնք գաղութը դէպի նոր ուղութեամբ պիտի առաջնորդեն:

Ասոնք բոլորն ալ կ՛ենթադրեն յաւելեալ ճիգ, զոհողութիւն ու նուիրում եւ յատկապէս՝ սէր, համերաշխ գործակցութիւն, իրարհասկացողութիւն, անխտրական հանդուրժողութիւն եւ առողջ մթնոլորտի մէջ աշխատանք:

Մեր մտքի ու գաղափարի շարունակութիւնը կախեալ է մեզմէ:

Եւ որպէսզի ապագայի պատրաստութեան համար մեր ձեւապաշտ վիճակէն դուրս գանք ու մեր յաւերժութիւնը երաշխաւորենք, պէտք է միասնաբար որոնենք յարմար լուծումներ:

Ըսելու ձեւը եւ ժամանակը պէտք չէ, որ մեզ խանգարէ, կամ ծուռ ճամբաներու առաջնորդէ:

«Աշխարհի» չափ, ինչպէս կ՛ըսեն, այս գաղութէն ներս գործ կայ ընելիք եւ տանելիք:

Կը հաւատանք, որ միայն իրարհասկացողութեամբ, փոխադարձ յարգանքով,  տեւական հաղորդակցութեամբ ու զանազան փորձառուներու տեսակէտներու մէկտեղումով միայն մեր բոլոր դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին կրնան հարթուիլ։

Խօսքը, շատ յաճախ պղպջակի կը նմանի, մինչդեռ համախորհուրդ գործը՝ ստեղծագործութիւն է ըսած են մեր հին ղեկավար մեծերը:

Այս մէկն է, որ պէտք է մեր ականջին օղ ընել:

Մինչ այդ:

Շնորհաւոր նոր տարի:

Ժողովուրդի Երկիր
ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Եթէ քաղաքականութիւնը չպատկանի ժողովուրդին, ապա երկիրը չի կրնար կառուցել իր պետականութիւնը։

Այս հաստատումը աւելի ամբողջական իմաստ կ՛ունենայ, եթէ յանդուգն մօտեցումով աւելցնենք այն միտքը, որ իշխանութիւն ըսուածը քաղաքականութենէն անջատուած եւ դիւանագիտական իր զբաղումներով կլանուած կենդանի մըն է: Դժուարը՝ այդ իշխանութիւնը համարկել է ժողովուրդի քաղաքականացման գործին հետ։ Որքան ուշանայ այդ համարկումը, այդքան կը ծանրանայ՝ ժողովուրդի քաղաքականացման ընթացքը արգելակող իշխանութիւն բեռը։ Ժողովուրդի երկիր ունենալու համար անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ նախ իշխանութեան ծանրութենէն եւ մանաւանդ հայ ժողովուրդի հոգին ճնշող՝ գութի եւ բարեսիրական մտածողութենէն։ Հարցին աւելի ուղիղ մօտենալու եւ աւելի շեշտակի ըսելու համար, ո՛չ Համահայկական հիմնադրամի գումարները, ո՛չ մեծահարուստ անհատներու ներդրումները եւ ոչ ալ իշխանութեան ձեւակերպած դիւանագիտական յարաբերութիւնները կրնան ժողովուրդի երկիր կառուցել։

Հայ ժողովուրդը՝ իր պետականութեամբ եւ Սփիւռքով, տակաւին քաղաքական համապարփակ եւ ինքնուրոյն մտածողութիւնը չէ գտած։ Ասիկա չի նշանակեր, որ տեղ մը պահուըտած ինքնուրոյն մտածողութիւն մը կայ հայուն համար եւ օր մը պիտի գտնենք զայն։ Մերը կեդրոնացումի եւ միտքի արտադրութեան հարց է։ Ցարդ, տեղատուութեամբ համակերպած ենք համաշխարհային ազատական հոսանքին եւ այդ հոսանքին մէջ պարզապէս ընդունած ենք, օրինակի համար, IMF եւ միջազգային դրամատան որոշումները։ Լայն բացած ենք երկիրը արտաքին շահագործումներու դիմաց եւ երկրի տնտեսական զարգացման անհրաժեշտութիւնը շփոթած ենք տնտեսական աճին հետ։ Շատ դիւրութեամբ եւ հապճեպ համաշխարհայնացուցած ենք մեր քաղաքական ճակատագիրը։

Բոլոր թերաճ երկիրներու նման, Հայաստան եւս քաղաքական զարգացման դժուարութիւն ունի, որովհետեւ իր ամբողջ կարողականութիւնը չէ լարուած դէպի ենթակառուցային զարգացման քաղաքականութիւն, դէպի ժողովուրդ։ Պետական տնտեսական հսկողութիւնն ու առեւտրական օրինաւորութիւնը նպաստած են իշխանաւորին՝ դասակարգային սուր շերտաւորում մը յառաջացնելով։ Երկրի աշխարհագրական դիրքը կը պարտադրէ յաւելեալ բծախնդրութեամբ մօտենալ ենթակառուցային զարգացումին։ Այսինքն, պետականութեան հաստատման անհրաժեշտ այն խարիսխներուն, որոնք քաղաքական զարգացման հիմնական տուեալները կը կազմեն։

Իսկ որո՞նք են այն հիմնական տուեալները, որոնք պետականութիւն կը հաստատեն, կամ ժողովուրդը ամբողջութեամբ կը համարկեն իշխանութեան հետ։ Հայ քաղաքական միտքին համար անծանօթ չեն բաղկացուցիչ այն հինգ հիմնական տուեալները, որոնք քաղաքականացման ընթացք կը պարզեն։ Այսինքն՝ Հայաստանը կը դարձնեն ժողովուրդի երկիր։ Առաջին պարագային, հայրենի հողին վրայ հայկական ինքնութեան անխոցելիութիւնն է, երկրորդ, իշխանութեան հեղինակութեան իրաւականութիւնը, երրորդ, օրէնքով հաստատուած իրաւահաւասար բաշխումը՝ արտադրութեան եւ բնական հարստութեանց, չորրորդ, բնական երեւոյթի վերածուած ժողովուրդի մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին, եւ վերջապէս, պետական օրինաւորութիւններու թափանցումը երկրի ամբողջ տարածքին։

Այս հինգ տուեալները թէ՛ թեզ են ուսումնասիրելի (նկատի առէք մեր համալսարանները եւ վերլուծական կեդրոնները), թէ օրէնսդրելի սկզբունքներ (նկատի առէք մեր Ազգային Ժողովը) եւ թէ գործ (նկատի առէք մեր գործադիր իշխանութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւնները)։ Եթէ այս հինգ կէտերու քաղաքական տրամաբանութիւնը հաստատուի երկրին մէջ ու յատկապէս իրենց մանրամասնութիւններով օրէնքի ուժ եւ բանական ուշք (առողջ դատողութիւն-Խմբ.) ունենան՝ այդ պարագային հայ ժողովուրդը՝ իր պետականութեամբ եւ Սփիւռքով  քաղաքական համապարփակ եւ ինքնուրոյն մտածողութիւնը կը գտնէ եւ կը ձերբազատուի աղերսի, գութի, սպասումի բարդոյթէն։ Դժբախտաբար մենք տակաւին ջուրի աղերսով կը տրամաբանենք մեր քաղաքականութիւնը։

Նոյնն է ցեղասպանութեան մեր հարցին հետապնդման պարագան։ Մեր մամուլին մէջ յաճախ կը կարդանք ցեղասպանութեան բանաձեւի եւ տարբեր երկիրներու դիրքորոշումներու մասին։ Իսրայէլի Քնեսեթը, օրինակ, նկատի առած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի մը քննարկումը։ Կամ, Ամերիկայի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը յարմար չի գտներ ցեղասպանութեան բանաձեւը օրակարգի վրայ ունենալ։ Ստորակայութեան եւ ստրկամտութեան բարդոյթէն տառապող նման երկիրներ մարդկութեան կեանքին վրայ ճնշող ու անոր ազատ զարգացումը կաշկանդող դիւանագիտութեան արուեստին հմուտ են միայն։ Քաղաքակրթութեան զարգացման իրենց մտածողութիւնը չէ տրամաբանուած ժողովուրդի ու զանգուածային կառոյցներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Հայկական Ցեղասպանութեան օրակարգը տեսնել իրենց սեղաններուն վրայ պարզապէս անարգանք է ոչ միայն հայուն, այլեւ անբողջ մարդկութեան համար։

Դրական զարգացում է, անշուշտ, հայրենիքի մէջ տեսնել ժողովրդային, հասարակական կազմակերպութիւններու աճը՝ քաղաքացիական հասարակութիւն մը յառաջացնելու յոյսով եւ անոնց ուղղակի թէ անուղղակի ներդրումը՝ պետականութիւն եւ ժողովրդավարութիւն արժէքներու մերձեցման մէջ։ Ժողովրդավարութիւն միտքը Հայաստանի պէս երկրի մը համար ենթակառուցային քաղաքականացման հասկացողութիւն ունի, այլ ոչ քուէարկութեան։ Ժողովրդավարութիւն կարելի չէ հաստատել քուէարկութեամբ։ Եթէ կարելի ըլլար, իշխանութիւնը արդէն արգիլած կ՛ըլլար քուէարկութիւնը։

Հետեւաբար, պետական կառուցուածքի եւ ենթակառոյցներու մերձեցման ու համարկման քաղաքական լաւագոյն տարազը, իբրեւ ժողովրդավարութեան իրագործման անհրաժեշտ պայմաններէն մէկը Հայաստանի մէջ, կազմակերպութիւններու եւ շարժումներու հարազատ արտայայտութիւնն է պետութեան մէջ։ Քսան տարիներու անկախացման փորձառութիւնը տակաւին երկար տարիներու շարունակութեան կը կարօտի ժողովրդավարութեան այս հիմնական պայմանը ամբողջացնելու համար։