Home » Գաղութի ԿեանքէնYou are browsing entries filed in “Գաղութի Կեանքէն”

Ճանիկեանի Հատորը Պիտի Ներկայացուի Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ

Ճանիկեանի Հատորը Պիտի Ներկայացուի Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Մայիս 3ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի 26րդ յարկին վրայ գտնուող «Թամ Պրետլի» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արիս Ճանիկեանի նորագոյն հատորին՝ «This Angelic Land»ին («Այս հրեշտակային Հողը») շնորհահանդէսը:
Ճանիկեանի այս գործը կ՛առնչուի 1992ի Լոս Անճելըսի խռովութեանց, որոնց քսանամեակին առիթով շարք մը ձեռնարկներ տեղի [...]

May 1st, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Զատկուան Տօնակատարութիւններ «Սահակ-Մեսրոպ» Վարժարանէն Ներս

Զատկուան Տօնակատարութիւններ «Սահակ-Մեսրոպ» Վարժարանէն Ներս

ՌԻԹԱ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Մարտ 27ին, առաւօտեան ժամը 10ին, ծնողներ եւ դպրոցի համակիրներ ներկայ էին, երբ Ծաղկազարդի երգերով, Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի մանկամսուրի գողտրիկ աշակերտները ձիթենիի ճիւղերով մուտք գործեցին դպրոցի հանդիսասրահէն ներս։
Յայտագիրին բաժին բերին Բողբոջի եւ Կոկոնի մանուկները, որոնք երգեցին եւ արտասանեցին Զատկուան եւ գարնանային յատուկ երգեր եւ արտասանութիւններ։ Ապա Կոկոնի 4-5 տարեկան աշակերտները ներկայացուցին Յարութիւնը պատկերացնող երաժշտախառն [...]

April 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Փասատինայի Ուսանողներու Խորհրդատուական Հաւաքը Յաջողութեամբ Պասկուեցաւ

Փասատինայի Ուսանողներու Խորհրդատուական Հաւաքը Յաջողութեամբ Պասկուեցաւ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի, ինչպէս նաեւ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանին ու Համազգայինի Փասատինայի մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 8:30 տեղի ունեցաւ համալսարաններ դիմելու եւ կրթանպաստներ ստանալու գործընթացի ու պայմաններու ծանօթացման խորհրդատուական օգտաշատ հաւաք մը:
Փասատինայի երկրորդական վարժարանի ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցած սոյն ձեռնարկին ներկայ եղան աւելի քան 50 ուսանողներ եւ ծնողներ՝ մօտէն [...]

April 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակի Միացեալ Ս. Պատարագ

Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակի Միացեալ Ս. Պատարագ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, իր ձայնն ու գործը միացուց համայն աշխարհի հայութեան, յայտարարելու համար, որ չէ մոռցած Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր 1.5 միլիոն նահատակները, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ անհատոյց մնացող դարաւոր ոճիրն ու անոր բազում հետեւանքները, եւ որ վճռած է իր պայքարը շարունակել, մինչեւ արդարութեան հաստատումը, մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու մեր բոլոր պահանջներուն [...]

April 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Ֆերահեան»ի Աշակերտները Գեղարուեստական Ճոխ Յայտագիրով Նշեցին Ապրիլ 24ը

«Ֆերահեան»ի Աշակերտները Գեղարուեստական Ճոխ Յայտագիրով Նշեցին Ապրիլ 24ը

«Ֆերահեան»ի առաքելութեան մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի մեր ազգային տօներուն ու յատկանշական թուականներուն նշումը: Այդ թուականներէն կարեւորագոյնն է Եղեռնի ոգեկոչումը:
Արդարեւ, Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, կէսօրէն առաջ ժամը 11:15ին, վաժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը «Աւետիսեան» սրահին մէջ յիշատակեց 1915 թուականի Մեծ Աղէտը, որուն հետեւանքով ծնաւ Սփիւռքը:
11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Նորթ Հոլիվուտի Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Նոր Կիրակի օրը, Ապրիլ 15ին, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ համար խանդավառ ու ոգեւորիչ օր մըն էր։ Շրջանի հայ համայնքը կը վայելէր ներկայութիւնը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որ եկած էր իր ներկայութեամբ ո՛չ միայն անգամ մը եւս պատուելու այս նորահաստատ համայնքը, այլ նաեւ Ս. պատարագ մատուցանելու եւ յընթացս Ս. պատարագի՝ սարկաւագական [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՀՈՎԻՏԻՆ ՄԷՋ- Հայաստանէն Արտագաղթն Ու Կանխարգիլման Կարելիութիւնները

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՀՈՎԻՏԻՆ ՄԷՋ- Հայաստանէն Արտագաղթն Ու Կանխարգիլման Կարելիութիւնները

Մեր օրերու հրատապ հարցերու անդրադարձը Հիւսիսային Հովիտին մէջ, նախաձեռնութեամբ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան Հանրային կապի յանձնախումբին, կը կեդրոնանար զանգուածային արտագաղթի իրականութեան վրայ։ Մարտ 30ի երեկոյեան ժամը 8ին, Հովիտի Հայ կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հրապարակային զրոյցի նիւթն էր՝ «Հայաստանէն Արտագաղթը եւ Կանխարգիլման Կարելիութիւնները»։
Որոշեալ ժամուն երեկոյի հանդիսավարը՝ Մարզպետ Մարկոսեան, ներկայացուց օրուան ելոյթ ունեցողները՝ գրող, հրապարակագիր Ստեփան [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հոգեւորականաց Համագումար

Հոգեւորականաց Համագումար

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 40րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց աւանդական համագումարը՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։
Առաւօտուն տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն։ Օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց առաջնորդը. իբրեւ առաջնորդող մտածում վեր առնելով Պետոս առաքեալի Ա. Թուղթի Գ. գլուխի 8էն 12րդ համարները՝ ան [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Դոկտ. Կէօնճեանի Խմբակը Կը Բացայայտէ PTSD-ի Վտանգը Աճեցնող Ծիներ

Դոկտ. Կէօնճեանի Խմբակը Կը Բացայայտէ PTSD-ի Վտանգը Աճեցնող Ծիներ

«Թայմ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ յատկապէս Իրաքի ու Աֆղանիստանի պատերազմներուն պատճառով լուսարձակի տակ առնուած հոգեբանական PTSD հիւանդութեան վտանգը աճեցնելու հաւանականութիւնը ունեցող ծիներ բացայայտուած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի խումբ մը հոգեբոյժներու կողմէ՝ գլխաւորութեամբ դոկտ. Արմէն Կէօնճեանի:
Պատերազմի կամ բնական աղէտներու ճնշումներու հետեւանք հանդիսացող սոյն հիւանդութիւնը ուսումնասիրելու համար, դոկտ. Կէօնճեան հետեւած է 1988ի Հայաստանի երկրաշարժէն վերապրած [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթ Պոլսահայ Միութեան Մէջ

Մայրերու Օրուան Ճաշկերոյթ Պոլսահայ Միութեան Մէջ

ՈՒԻՆԵԹՔԱ, Քալիֆորնիա.- Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան ընկերային ձեռնարկներու յանձնախումբին, Ուրբաթ, Մայիս 4ին, կ.ա. ժամը 11:30ին, Մայրերու օրուան ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306):
Ձեռնարկը պիտի խանդավառեն կիթառահար Ռուզպէն եւ ֆլամենքոյի պարողներ:
Մուտքի սակը 40 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 730-3226 ու (818) 231-0535 [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայկ Դեմոյեանի Դասախօսական Երեկոն Պոլսհայ Միութեան Մէջ

Հայկ Դեմոյեանի Դասախօսական Երեկոն Պոլսհայ Միութեան Մէջ

ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Ուրբաթ, Մարտ 16ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, դասախօսական երեկոյ մը կայացաւ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ, 120 հոգիներու ներկայութեամբ:
Բացման խօսքը կատարեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ օրուան դասախօսին՝ Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի, հակիրճ կենսագրականը կարդալէ ետք, հրաւիրեց զայն, որ լուսաբանութիւններ տայ բիւզանդական բանակին մէջ հայերու դերին մասին:
Դասախօսը [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Race to Nowhere» Շարժապատկերի Ցուցադրութիւնը «Յովսէփեան» Վարժարանէն Ներս

«Race to Nowhere» Շարժապատկերի Ցուցադրութիւնը «Յովսէփեան» Վարժարանէն Ներս

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանը պիտի ցուցադրէ «Race to Nowhere» շարժապատկերը, Ուրբաթ, Մայիս 4ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահէն ներս։ Դպրոցին հասցէն է՝ 2215 E. Colorado Blvd, Pasadena 91207: Սոյն միջոցառումին մուտքը ազատ է:
Վիքի Էյպըլզ՝ մտահոգ մայր մը, համաբեմադրիչն ու արտադրիչն է այս վաւերագրական շարժապատկերին, որ ակնարկ մըն է [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանը Կը Տօնախմբէ «Փառատօն»ի Քսանամեակը

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանը Կը Տօնախմբէ «Փառատօն»ի Քսանամեակը

«Փառատօն»ը եղած է ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի ամէնէն երկար դիմացած ձեռնարկը, որ կը կրկնուի արդէն քսան տարիէ ի վեր: Այս տարի դպրոցը կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու անոր 20ամեակը:
«Փառատօն»ը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 29ին, վարժարանի Քանոկա Փարքի համալիրէն ներս: Այս տարուան թեման է՝ «Կեանքը արուեստի մէջ»: Շուրջօրեայ փառատօնին պիտի ներկայացուին մրցումներ, ցուցադրութիւններ եւ հանդիսութիւններ, որոնք [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մոնթեպելլոյի Հայկական Հինգերորդ Փառատօնը՝ Մայիս 12ին

Մոնթեպելլոյի Հայկական Հինգերորդ Փառատօնը՝ Մայիս 12ին

ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Շաբաթ, Մայիս 12ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս (900 West Lincoln Avenue, Montebello, CA 90640) տեղի պիտի ունենայ քաղաքի հայկական տարեկան հինգերորդ փառատօնը, ուր հայկական տաղանդը, մշակոյթը, երաժշտութեան ձայնը, ուտեստեղէններն ու խորովածի բուրմունքը տիրապետող պիտի ըլլան: Այս տարուան փառատօնը լաւագոյն առիթը պիտի ըլլայ տօնելու Մայրերու օրը, եւ այդ պատճառով ծրագրուած են յատուկ աշխատանքներ, [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Մերտինեան»ի Աշակերտները Մրցանակներու Կ՛արժանանան

«Մերտինեան»ի Աշակերտները Մրցանակներու Կ՛արժանանան

ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանի 6-8 դասարանէն 11 աշակերտներ, վարժարանէն ներս կայացած գիտական մրցանքի արդիւնքներուն հիման վրայ, իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու տարեկան գիտական մրցանքին, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 18ին: Այդ աշակերտներէն Լեւոն Աւետիքեան (7րդ դասարան) երրորդ հանդիսացաւ իր բաժանմունքին մէջ, իսկ Յակոբ Պալաքեան, գիտական մրցանքին զուգահեռ կայացած զարգացման մրցումին ընթացքին ստացաւ նիւթական պարգեւ [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մերիլին Արշակունիի Անուան Կրթանպաստներու Ժամկէտը՝ Յուլիս 15

Մերիլին Արշակունիի Անուան Կրթանպաստներու Ժամկէտը՝ Յուլիս 15

ՆՈՐԹՐԻՃ.- Արշակունի ընտանիքի հիմնադրամի հիմնադիր եւ երկարամեայ ուսուցչուհի Մերիլին Արշակունիի անուան կրթանպաստներու հիմնադրամը, այս տարի եւս մինչեւ 2000 տոլարի կրթանպաստ մը պիտի տրամադրէ «Ֆերահեան» վարժարանէն շրջանաւարտի մը՝ ի պատիւ հայ աշակերտներու կրթութեան նուիրուած սոյն ուսուցչուհիին, որ 28 տարիներ դասաւանդած է «Ֆերահեան»ի մէջ:
Դիմումնագիրները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Յուլիս 15, իսկ դիմողները պէտք է ըլլան առնուազն երրորդ [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Ագեան» Ժողովասրահին Բացումը

Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Ագեան» Ժողովասրահին Բացումը

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ապրիլ 15ին, յաւարտ Ս. պատարագի, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի գաւիթին մէջ, Վաչէ արք. Յովսէփեանի հետ միասին, օծումը կատարեց տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Սոնիա Ագեանի նուիրատուութեամբ պատրաստուած Քրիստոսի Ս. Յարութեան մոզայիքին: Սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարերար ամոլին եւ շեշտեց, թէ իրենց եւ սիրելիներուն յիշատակը թարմ պիտի մնայ աղօթք մատուցողներուն [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Կլենտէյլի Երկրորդական Վարժարանին Մէջ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Կլենտէյլի Երկրորդական Վարժարանին Մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի պետական վարժարաններուն կողմէ կազմակերպուած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ի երեկոյեան:
Մօտաւորապէս 500 հոգիի ներկայութեամբ, ոգեկոչման տարեկան այս 11րդ ձեռնարկի ընթացքին գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը՝ լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ հակառակ հայութեան դէմ գործադրուած այդ ահաւոր ոճիրին, հայութիւնը մօտաւորապէս հարիւրամեակ [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Սրբազան Համերգ»

«Սրբազան Համերգ»

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, թեմի մշակութային յանձնախումբը կազմակերպած էր «Սրբազան Համերգ», որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամը 6ին՝ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: «Խաչատուրեան» երգչախումբի փոխխմբավար Ալենուշ Եղնազարի կողմէ երգուած «Գթա Տէր» հանգստեան շարականէն ու սրբազան հօր «Հոգւոցն Հանգուցելոց» մաղթանքէն ետք, Խաժակ քհնյ. [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քոլորատոյի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը

Քոլորատոյի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը

ՏԵՆՎԸՐ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, Քոլորատոյի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը՝ Ապրիլ 24, 2012ը նահանգին մէջ «Հայկական Ցեղասպանութեան օր» հռչակելով:
Քոլորատոյի հայութեան ջանքերով կարելի եղած է նաեւ ապահովել նահանգապետին եւ Քոլորատոյի մայրաքաղաք Տենվըրի քաղաքապետին հռչակագիրները, որոնց մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը հաստատուի ու կը դատապարտուի:
Ապա՝ Կիրակի, Ապրիլ 22ին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համայնքային ձեռնարկը, որ [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սիրուն Երէցեան Կը Մասնակցի Խմբային Ցուցահանդէսի Մը

Սիրուն Երէցեան Կը Մասնակցի Խմբային Ցուցահանդէսի Մը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արուեստներու նուիրուած «Bureau of Arts and Culture» թերթին նախաձեռնութեամբ, Մայիս 5-20ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ ապրող տարբեր ազգութեանց արուեստագէտներու ստեղծագործութեանց խմբային ցուցահանդէս մը, որուն մասնակիցներէն մէկն է Սիրուն Երէցեանը:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 5ին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ եւ գործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, նոյն [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Գրի Յաւերժութիւն». Արուեստի 103 Բացառիկ Նմոյշները Կը Ներկայացնեն Հայերէն Գիրի Ամբողջ Պատմութիւնը

«Գրի Յաւերժութիւն». Արուեստի 103 Բացառիկ Նմոյշները Կը Ներկայացնեն Հայերէն Գիրի Ամբողջ Պատմութիւնը

Հայկական արուեստի եզակի 103 նմոյշներ խորհրդանշական կերպով համախմբուած էին մէկ վայրի մէջ՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, ուր բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի պատմութեան մէջ բացառիկ ցուցահանդէսի մը՝ «Գիրի յաւերժութիւն» խորագիրով, որ նուիրուած է Հայ տպագրութեան 500ամեակին: Ցուցահանդէսին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով միասնաբար ներկայացուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի թանգարանի (17 ցուցանմուշ), Հայաստանի պատմութեան թանգարանի (15 ցուցանմոյշ), Մատենադարանի (37 [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սարոյեանի Ծննդեան Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւն «Քէյեան» Վարժարանին Մէջ

Սարոյեանի Ծննդեան Հարիւրամեակի Տօնակատարութիւն «Քէյեան» Վարժարանին Մէջ

ՖՐԵԶՆՕ.- Ուրբաթ, Մայիս 11ին, Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան համագաղութային վարժարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի զաւակ Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն մը՝ կազմակերպութեամբ վարժարանին:
Ելոյթներ պիտի ունենան «Ուիլեըմ Սարոյեան՝ Մարդը» վաւերագրական շարժապատկերի բեմադրիչ Փօլ Քալինեան եւ շարժապատկերը արտադրած անոր դուստրը՝ դոկտ. Սիւզի Քալինեան, որոնք նաեւ պիտի ցուցադրեն ֆիլմը:
Սոյն ֆիլմը 1995ին լաւագոյն շարժապատկերի [...]

April 27th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Քոյրերու Վարժարանի Ապրիլեան Ոգեկոչում

Հայ Քոյրերու Վարժարանի Ապրիլեան Ոգեկոչում

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանի Ցեղասպանութեան 97ամեակին նուիրուած միջոցառումներու կարգին հետաքրքրական ձեռնարկ մըն էր միջնակարգի աշակերտներու հանդիպումը Զաւէն Խանճեանի հետ։ Տնօրէնութեան առաջարկով եւ հայկական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ գործադրութեամբ այս օգտաշատ հանդիպում-զրոյցը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ի յետմիջօրէին, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր աշակերտները առիթն ունեցան ծանօթանալու Խանճեանի պատմական այցելութիւնը Արեւմտահայաստանի Աղըն գիւղին մէջ գտ-նուող իր հօրենական [...]

April 26th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հանդիպում Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան Հետ

Հանդիպում Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Վարչութեան Հետ

Շարունակելով գաղութիս հայրենակցական եւ հասարակական կազմակերպութիւնների հետ հանդիպումների շարքը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան հետ, Ռեսիդա քաղաքում գտնուող միութեան կենտրոնատեղիում: Հանդիպմանը մասնակցում էին միութեան վարչականներ Եսթեր Չէլէպեան-Թոկնոզին, Վարդան Փօլատեանը, Սողոմոն Փօլատեանը, Անահիտ Եարալեան-Մարճանեանը, Հրաչ Մարճանեանը, ինչպէս նաեւ Հանրային կապի յանձնախմբի ատենապետ Րաֆֆի Կիւրիւնեանը, յանձնախմբի անդամներ Սիրան [...]

April 26th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈՂԳՈԹԱ ԵԿԵՂԵՑԻ- Պռաւօ՛, Պատուելի Ներսէս

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈՂԳՈԹԱ ԵԿԵՂԵՑԻ- Պռաւօ՛, Պատուելի Ներսէս

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարիչ խորհուրդը, իմաստութիւնը ունեցած էր այս տարի իր միջ-տարեկան գարնանային նիստը կայացնել գեղատեսիլ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ մէջ, ուր գիտակից զուգադիպութեամբ մը, ժողովականները բացառիկ պատեհութիւնը ունեցան վայելելու եկեղեցւոյ երգչախումբի տարեկան երրորդ համերգը՝ ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ եռանդուն, երիտասարդ, երաժշտասէր եւ խմբավար հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի:
Արդարեւ Աստուծոյ փառքին նուիրուած [...]

April 26th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Թէքէեանի Նուիրուած Բանախօսութիւն

Թէքէեանի Նուիրուած Բանախօսութիւն

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 27ին, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութիւնը կազմակերպած է բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի նուիրուած բանախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ: Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ արք. Մուրատեան:
Երեկոյի բանախօսն է Տիթրոյիթի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր [...]

April 25th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Շնորհահանդէս Յ. Յակոբեանի «Լաւ Է Ուշ, Քան Երբեք» Վէպին

Շնորհահանդէս Յ. Յակոբեանի «Լաւ Է Ուշ, Քան Երբեք» Վէպին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 15ի երեկոն յիշատակելի պիտի մնայ այն բազմաթիւ հայորդիներու միտքին մէջ, որոնք եկած էին իրենց խանդավառ մասնակցութիւնը բերելու Յակոբ Յակոբեանին «Լաւ Է Ուշ, Քան Երբեք» նոր հատորի շնորհահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ամերիկեան տարեցներու միութեան ժամանցի կեդրոնի նորակառոյց համալիրի շքեղ դահլիճին մէջ:
Ամբողջ հանդիսութիւնը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր՝ մեկնած այն իրողութենէն, որ հանդիպման [...]

April 25th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում՝ Սաքրամենթոյի Եւ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում՝ Սաքրամենթոյի Եւ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ

Հայ Դատի յանձնախումբը, ամէն տարի Ապրիլ 24ի առիթով կը կազմակերպէ մեր նահատակներու կտակին հաւատարմութիւն արտայայտելու ձեռնարկներ ու արարողութիւններ, որոնք կը զուգադիպին, ի շարս այլ պաշտօնական նիստերու՝ Ցեղասպանութեան յիշատակման Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի յատուկ նիստին։
Այս ծիրին մէջ, խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին նուիրուած ոգեկոչման յարգանքի յատուկ նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին, Սաքրամենթոյի մէջ։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մասնակցեցաւ արարողութիւններուն [...]

April 25th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քալիֆորնիոյ Կառավարիչը Ապրիլ 24ը Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակեց

Քալիֆորնիոյ Կառավարիչը Ապրիլ 24ը Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակեց

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն Հայկական Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ հրապարակած իր հռչակագիրին մէջ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2012ը «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր» հռչակեց նահանգի տարածքին:
Իր հռչակագիրին մէջ, Պրաուն մատնանշեց, թէ 1915էն 1923ի միջեւ, 1.5 միլիոն հայեր սպաննուած են՝ տեղահանութեան, աքսորի, սովի եւ բռնարարքներու զոհ դառնալով, աւելցնելով, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած է իբրեւ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն՝ գործադրուած [...]

April 25th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Փրոֆ. Յովհաննէսեան Կը Մեծարուի Ֆրեզնոյի Համալսարանին Կողմէ

Փրոֆ. Յովհաննէսեան Կը Մեծարուի Ֆրեզնոյի Համալսարանին Կողմէ

ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրը իր տարեկան 24րդ ճաշկերոյթը կատարեց Մարտ 11ին, ներկայութեամբ աւելի քան 260 հոգիի, ներառեալ՝ համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ճան Ուելթիի:
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայագիտական ծրագիրի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, իսկ ծրագիրի մասին խօսեցաւ փրոֆ. Սերճիօ լա Փորթան:
Օրուան գլխաւոր հիւրն էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հայ կրթական [...]

April 23rd, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Մուսա Լերան 40 Օրերը» Հատորին Նուիրուած Քննարկում

«Մուսա Լերան 40 Օրերը» Հատորին Նուիրուած Քննարկում

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Մայիս 4ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի պիտի ունենայ քննարկում մը՝ նուիրուած Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» հատորի անգլերէն նոր եւ ամբողջական օրինակին հրատարակութեան:
Քննարկումին պիտի մասնակցին դոկտ. Վահրամ Շէմմէսեան եւ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան:
Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard Street, Glendale) տեղի ունենալիք ձեռնարկը հովանաւորուած եւ կազմակերպուած է «Ապրիլ» գրատան, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի [...]

April 23rd, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Առաջնորդը Ընդունեց «Շամլեան-Թաթիկեան»ի Տնօրէնուհիին Այցելութիւնը

Առաջնորդը Ընդունեց «Շամլեան-Թաթիկեան»ի Տնօրէնուհիին Այցելութիւնը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ի յետմիջօրէին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի Պուրճ Համուտ շրջանի Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Վարդուհի Պալըգճեանի, որ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուէր։ Յարգելի հիւրին կ՛ընկերանար վարժարանի շրջանաւարտներէն Մինաս Ֆուռնուզեան։
Հանդիպումը առիթ եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու ընդհանրապէս Հայ դպրոցի առաքելութեան ու յատկապէս Լիբանանի ու Արեւմտեան թեմի կրթական [...]

April 23rd, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայաստանի Մէջ Նկարահանուած «Here»ը՝ Ապրիլ 27ին Շարժապատկերի Սրահներուն Մէջ

Հայաստանի Մէջ Նկարահանուած «Here»ը՝ Ապրիլ 27ին Շարժապատկերի Սրահներուն Մէջ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Բեմադրիչ Պրենտըն Քինկ իր նորագոյն ֆիլմը՝ «Here»ը («Հոս»), նկարահանած է Հայաստանի մէջ. անիկա պատմութիւնն է քարտէսագէտի մը (Պեն Ֆոթըր) եւ հայրենադարձ լուսանկարչուհիի մը (Լուպնա Ազապալ) միջեւ կարճատեւ եւ հետաքրքրական յարաբերութեան:
Շարժապատկերը Պերլինի եւ Սանտենսի փառատօներուն մէջ մրցանակներու արժանացած է եւ Ապրիլ 13ին սկսած է ցուցադրուելու Նիւ Եորքի մէջ, իսկ Ուրբաթ, Ապրիլ 27էն սկսեալ, անիկա [...]

April 23rd, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Շամլեան»ի Աշակերտները «Թաղամասս Կը Սիրեմ» Մրցումին Լաւագոյններու Շարքին

«Շամլեան»ի Աշակերտները «Թաղամասս Կը Սիրեմ» Մրցումին Լաւագոյններու Շարքին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շամլեան»ի աշակերտներ Քլոյի Քէշիշեան եւ Արենի Համբարեան Կլենտէյլի սեփական եւ պետական վարժարաններու միջեւ կայացած «Թաղամասս կը սիրեմ» գծագրութեան մրցումին մէջ ընտրուած են լաւագոյններու շարքին: Աւելի քան 9000 թեկնածուներու մէջէն Քլոյի ընտրուած է լաւագոյն տասին շարքին, իսկ Արենին՝ լաւագոյն 50ին:

April 23rd, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնի Ամառնային Հինգերորդ «Բանակում»ը

Քրեսենթա Հովիտի Հայ Կեդրոնի Ամառնային Հինգերորդ «Բանակում»ը

ՄՈՆԹՐՈԶ.- Յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով, Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնը նախաձեռնած է 9շաբաթեայ ամառնային ցերեկային բանակումի մը, որ Լա Քրեսենթայի ժողովուրդին ծանօթ է «Զաւարեան բանակավայր» կամ՝ «Քեմփ Զաւարեան» անունով: Յունիս 18էն մինչեւ Օգոստոս 17 երկարող ժամանակաշրջանին տեղի ունենալիք բանակումին վարիչն է փորձառու դաստիարակ Արփի Տապաղեանը:
Բանակումը, ամառնային արձակուրդի շրջանին, հաճելի ու դաստիարակչական ծրագիրով օժտուած ժամանցի լաւագոյն առիթն [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քրեսենթա Հովիտի Հայ Եւ Քորէական Համայնքները Մշակութային Միացեալ Փառատօնի Մը Կը Ձեռնարկեն

Քրեսենթա Հովիտի Հայ Եւ Քորէական Համայնքները Մշակութային Միացեալ Փառատօնի Մը Կը Ձեռնարկեն

ՄՈՆԹՐՈԶ.- Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնը նախաձեռնած է աշակերտներու դասաւանդութեանց օժանդակելու յատուկ ծրագիրի մը, որուն կրնան մասնակցիլ նախակրթարանի, միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներ՝ ապահով եւ քաջալերող միջավայրի մը մէջ:
Փորձառու դասատուներ պիտի օժանդակեն աշակերտներուն՝ հետեւեալ դասանիւթերուն մէջ. Algebra I եւ II, Geometry, Trigonometry, Pre-calculus, ինչպէս նաեւ քիմիագիտութիւն (Chemistry), կենսաբանութիւն (Biology), բնագիտութիւն (Physics), անգլերէն, հայերէն եւ սպաներէն լեզու: Յաւելեալ [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մասնակցութիւն Քրեսենթա Հովիտի «Արպըր Օր»ուան Տօնակատարութեան

Մասնակցութիւն Քրեսենթա Հովիտի «Արպըր Օր»ուան Տօնակատարութեան

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնը որոշած է այս տարի մասնակցիլ Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուող եւ ծառերու կարեւորութեան նուիրուած «Արպըր Օր»ուան տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 28ին, առաւօտեան ժամը 9-11:
Ձեռնարկին հիւրընկալն է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչ:

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Անակնկալ Հրաշալիքը

Անակնկալ Հրաշալիքը

ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Կարինէ Աւագեան։
Շատոնց է չէի լսած զինք, ոչ ալ՝ իր մասին։
Կարինէն «Լարք»ի ճուտիկներէն մէկն էր, երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ իրեն։  Կոկորդէն շշուկ մը չելած, Կարինէն արդէն իր աչքերով կ՛երգէր անլսելի բաներ։ 1994ին, երբ տակաւին հեռու էր բեմերէն, իրմէ ստացայ ձայներիզ մը, «Ի զէն Հայեր». այս երիզը, իր ձայնային կարողութիւններէն աւելի, կը խօսէր Կարինէին խոր ինքնութեան [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Ֆերահեան»ի Աշակերտները Իրենց Յարգանքը Մատուցեցին Եղեռնի Զոհերուն

«Ֆերահեան»ի Աշակերտները Իրենց Յարգանքը Մատուցեցին Եղեռնի Զոհերուն

Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին, «Ֆերահեան»ի միջնակարգի աշակերտները այցելեցին Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձան, յարգելու համար յիշատակը Եղեռնի զոհերուն: Ապա այցելեցին նաեւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ համալիրը:
Առաւօտեան ժամը 9ին աշակերտութիւնը պատրաստ էր ուխտագնացութեան: Երկու հանրակառքերով, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ անոնք հասան Պիքնէլ Փարք, որուն բարձունքին զետեղուած է ութ սիւներու  վրայ հանգչած, դէպի երկինք սլացած յուշարձանը՝ իբրեւ վկայութիւն հայութեան դէմ գործադրուած Մեծ [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Գրիգոր Պըլտեան Պիտի Դասախօսէ Արդի Հայ Գրականութեան Մասին

Գրիգոր Պըլտեան Պիտի Դասախօսէ Արդի Հայ Գրականութեան Մասին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- UCLA-ի Նարեկացիի անուան Հայագիտական ամպիոնի բարեկամներու միութիւնը որոշած է իր տարեկան 10րդ ձեռնարկին ընթացքին, ամպիոնի «Նարեկացի» շքանշանը շնորհել յայտնի գրող, ուսումնասիրող եւ գրական
քննադատ Գրիգոր Պըլտեանին, եւ հանրային դասախօսական ձեռնարկ մը եւս կազմակերպած է՝ օգտուելով Պըլտեանի ներկայութենէն:
Արդարեւ, Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Գրիգոր Պըլտեան Արդի հայ գրականութեան հարցերուն նուիրուած բանախօսութիւն մը պիտի տայ Կլենտէյլի [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Դիլիջան»ը Եօթներորդ Եղանակը Փակեց՝ Ցեղասպանութեան Զոհերը Յիշատակելով

«Դիլիջան»ը Եօթներորդ Եղանակը Փակեց՝ Ցեղասպանութեան Զոհերը Յիշատակելով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան նախաձեռնութիւնը եղող «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան այս տարուան համերգաշարը փակուեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 15ին։ «Դիլիջան»ը այսպիսով կը բոլորէր եօթներորդ տարին, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ընթացքին՝ երաժշտասէր հանրութեան ներկայացաւ վեցական համերգով։ Եւ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, Ապրիլի համերգը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին. այլ խօսքով՝ կազմակերպող ու կատարող արուեստագէտները իրենց «լեզուով», այսինքն՝ երգով ու [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայկական Ինքնութեան Նուիրուած Դասախօսութիւն

Հայկական Ինքնութեան Նուիրուած Դասախօսութիւն

ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Ապրիլ 26ին, երեկոյեան ժամը 7:30, դոկտ. Սեդա Տատոյեան պիտի ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ինքնութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը:
Պատմական շարք մը հատորներու հեղինակ փրոֆ. Սեդա Տատոյեան դասաւանդած է Պէյրութի Ամերիկեան եւ «Հայկազեան» համալսարաններուն, ինչպէս նաեւ «Քոլոմպիա», Շիքակոյի ու Երեւանի պետական համալսարաններուն մէջ: Ան մասնագիտացած է յատկապէս միջնադարի իսլամական աշխարհին մէջ հայերու դերակատարութեան [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

UCLA-ի Հայագիտական Ուսմանց Ամպիոնի Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը Կը Մեծարէ Գրիգոր Պըլտեանը

UCLA-ի Հայագիտական Ուսմանց Ամպիոնի Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը Կը Մեծարէ Գրիգոր Պըլտեանը

UCLA-ի Հայագիտական ուսմանց ամպիոնի բարեկամներու ընկերակցութիւնը այսու կը հրաւիրէ ձեզ իր 10րդ տարեկան հանդիսաւոր խրախճանքին, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91308), Կիրակի, Ապրիլ 29ին (ընդունելութիւնը երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, նախքան ընթրիքն ու յայտագիրի գործադրութիւնը):
Ընկերակցութիւնը համալսարանին կողմէ վաւերացուած օժանդակ մարմին մըն է, որ Նարեկացիի անուան ամպիոնին հետ [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նախկին Կառավարիչ Տէօքմէճեան Նեցուկ Կը Կանգնի Գրիգորեանի Ընտրութեան

Նախկին Կառավարիչ Տէօքմէճեան Նեցուկ Կը Կանգնի Գրիգորեանի Ընտրութեան

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ նախկին կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեան որոշած է նեցուկ կանգնիլ Կրեկ Գրիգորեանի ընտրութեան: Ինչպէս հաղորդած էինք, Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան երկարամեայ անդամ Կրեկ Գրիգորեան իր թեկնածութիւնը դրած էր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքին մէջ, Գրիգորեան՝ իբրեւ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, պիտի մրցի ներկայիս այդ աթոռը գրաւող դեմոկրատ Մայք Կաթոյի դէմ: 43րդ ընտրատարածքին մէջ կ՛իյնան Պըրպենքը, [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Ս. Մեսրոպ-Ս. Սահակ» Շքանշան՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանին Եւ Լորա Գույումճեանին

«Ս. Մեսրոպ-Ս. Սահակ» Շքանշան՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանին Եւ Լորա Գույումճեանին

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ կազմուած Հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակի յանձնախումբը, որ այս առիթով շարք մը ձեռնարկներ պիտի կազմակերպէ, կը տեղեկացնէ, թէ առաջնորդը գաղափարը յղացած է պատուելու հայ համայնքէն ներս բարի վաստակ շահած հայոց լեզուի զոյգ մը նուիրեալ ուսուցիչներ:
Բարեխօսութեամբ եւ ձեռամբ առաջնորդին, դոկտ. Մինաս Գոճայեան եւ Լորա [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Բժշկական Համաշխարհային 11րդ Խորհրդաժողովը՝ 2013ին

Հայ Բժշկական Համաշխարհային 11րդ Խորհրդաժողովը՝ 2013ին

Հայ բժշկական համաշխարհային վարչութիւնը աշխատանքի նախաձեռնած է՝ կազմակերպելու համար Հայ բժշկական համաշխարհային 11րդ խորհրդաժողովը, Լոս Անճելըսի մէջ: Որոշուած է խորհրդաժողովը կայացնել 2013ի Յուլիս 3էն 7ի միջեւ, իսկ մասնակիցներուն գլխաւոր ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ հռչակաւոր «Քոտաք» սրահին մէջ:
Ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդուին ապագային:

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոսի «Արծիւները» Նոր Բարձունքներ Կը Նուաճեն Մարզական Եւ Ակադեմական Մակարդակներու Վրայ

Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոսի «Արծիւները» Նոր Բարձունքներ Կը Նուաճեն Մարզական Եւ Ակադեմական Մակարդակներու Վրայ

Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ, թէ այս տարի վոլիպոլի աղջիկներու բարձրագոյն խումբը արտակարգ յաջողութիւններ ձեռք բերած է ու յաջորդականօրէն գերազանցած է իր նուաճումները ամբողջ մրցաշարքի տեւողութեան: Զարմացնող արդիւնքներ, յաջողութիւններու շարք, եւ ապա հասած է ժամը, որ անոնք իրենց արդար գնահատականները ստանան միջդպրոցական մարզական բարձրագոյն ատեաններու կողմէ: Առաջին հերթին, անոնք իրենց բաժանմունքին [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կլենտէյլի Մէջ Կայացած Է Մեծ Եղեռնի Յիշատակութեան Առաջին Ձեռնարկը

Կլենտէյլի Մէջ Կայացած Է Մեծ Եղեռնի Յիշատակութեան Առաջին Ձեռնարկը

Ապրիլ 15ին, հարիւրաւոր մարդիկ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ յիշատակեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը: Ձեռնարկը, որ առաջինն էր Ապրիլին նախատեսուած ձեռնարկներու շարքին, կազմակերպուած էր Կլենտէյլի Հայ երիտասարդներու միութեան կողմէ:
«Թէեւ մենք սգացած ենք 97 տարի, սակայն այժմ եկած է արդարութեան համար աւելի շատ պայքարելու ժամանակը: Մենք փրկ-ուած ենք, մենք դեռ պիտի ապրինք, դեռ աւելի [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Տնօրհնէք

Տնօրհնէք

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ աւանդութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ Տնօրհնէքը. Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, Ս. Զատկուան տօնէն ետք, արդէն իսկ սկսած է օրհնելու շրջանի հայ ընտանիքներուն տուները:
Անոնք, որոնք կ՛ուզեն մասնակից դառնալ այս աւանդութեան, կրնան դիմել հայր Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանին՝ (818) 384-8252 կամ (818) 248-8080 թիւերով:

April 20th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով՝ Ս. Պատարագ «Արարատ Տան» Մէջ

Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով՝ Ս. Պատարագ «Արարատ Տան» Մէջ

ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Արեւմտեան թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ի առաւօտեան Ս. պատարագ մատուցուեցաւ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի համալիրի մատրան մէջ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։
Առաւօտեան ժամը 10ին, հոգեւորականաց դասը նախ այցելեց հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինը, ուր երգուեցաւ «Այսօր յարեաւ» ու «Գովեա՛ Երուսաղէմ զՏէր» [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ամերիկահայերու Դիմագրաւած Հարցերուն Նուիրուած Քննարկում

Ամերիկահայերու Դիմագրաւած Հարցերուն Նուիրուած Քննարկում

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, այս Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Հարցը 21րդ դարուն. Ամերիկահայերուն դիմագրաւած հարցերն ու ընծայուած առիթները» նիւթով քննարկում մը: Օրուան բանախօսն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Համբարեան:
Ձեռնարկը կը հովանաւորեն տէր եւ տիկին Արշակ եւ Նուէր [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Նախաձեռնութիւնը

Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Նախաձեռնութիւնը

Ապրիլ է կրկին…
Ամիս՝ որուն ընթացքին աշխարհացրիւ համայն հայութիւնը ոտքի կը կանգնի ու անգամ մը եւս կը յիշէ 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: 97 տարի առաջ, աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր զոհ գացին բարբարոս Թուրքիոյ հայաջինջ ծրագիրին՝ սպաննուելով, խոշտանգուելով, չարչարուելով ու բռնի կերպով իրենց հողերէն արտաքսուելէ ետք՝ անօթի ու [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մայիսի Առաջին Շաբաթավերջը Վերապահենք ՀՕՄի 11րդ Տարեկան Փառատօնին

Մայիսի Առաջին Շաբաթավերջը Վերապահենք ՀՕՄի 11րդ Տարեկան Փառատօնին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շրջանի հայկական իրականութենէն ներս գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է Մայիս ամսուան աAռաջին շաբաթավերջը վերապահել ՀՕՄի փառատօնին, որ իր առաջին տասնամեակը աւարտելէ ետք, նոր ոգեւորութեամբ կը պատրաստուի դիմաւորելու իր երկրորդ տասնամեակը:
ՀՕՄի 11րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 5-6ին, Կլենտէյլի «Սիվիք» հանդիսասրահէն ներս, ուր անգամ մը եւս ներկաները պիտի ըմբոշխնեն հայկական երաժշտութիւնը, երգն ու պարը, եւ ճաշակեն [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մոմավառութեամբ Հսկում՝ Պըրպենքի Քաղաքապետարանին Առջեւ

Մոմավառութեամբ Հսկում՝ Պըրպենքի Քաղաքապետարանին Առջեւ

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 97ամեակին առթիւ, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ՀԵԴ «Վարագ» ուխտը, ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղը եւ Պըրպենքի երկրորդական վարժարանի Հայկական ակումբը կազմակերպած են ոգեկոչման ձեռնարկ մը եւ մոմավառութեամբ հսկում մը, որոնք յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Պըրպենքի քաղաքապետարանին մէջ եւ անոր առջեւ:
Ոգեկոչման ձեռնարկը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6ին, քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին ընթացքին, առաջնորդութեամբ [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ծաղկամատոյց

Ծաղկամատոյց

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի 97րդ տարելիցին կապակցութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամը 5էն 7 պիտի կատարուի ծաղկամատոյց, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ղօղանջ Ոգեկոչման» խաչքարին (500 South Central Ave, Glendale CA 91204): Գրողները պիտի ընթերցեն Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին մարտիրոսացած գրողներու ստեղծագործութիւնները ու նահատակներու յիշատակին ծաղիկ պիտի մատուցեն խաչքարին:

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Օպամայէն Պիտի Պահանջուի Յարգել Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Խոստումը

Օպամայէն Պիտի Պահանջուի Յարգել Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Խոստումը

ՍՈԼԹ ԼԷՅՔ ՍԻԹԻ.- Եութայի Հայ կեդրոնի նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ շրջանի հայկական կազմակերպութիւններուն, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, կ.ա. ժամը 11ին, բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ նահանգի մայրաքաղաքին մէջ (100 South State Street, Salt Lake City, Utah), պահանջելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, որ յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը:

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի Ձեռնարկը

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի Ձեռնարկը

Հայ Դատի յանձնախումբի Օրենճ Քաունթիի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կ.ե. ժամը 4ին, Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ (5315 W. McFadden Ave, Santa Ana): Ընթացքին պիտի ցուցադրուի բեմադիրիչ Էրիք Նազարեանի «Պոլիս» կարճ շարժապատկերը: Օրուան գլխաւոր բանախօսն է նաեւ Էրիք Նազարեանը:
Ձեռնարկին կը մասնակցին շրջանի Հայց. [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Քայլարշաւ՝ Յիշելու Համար» Փասատինայի Մէջ

«Քայլարշաւ՝ Յիշելու Համար» Փասատինայի Մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 97ամեակին առթիւ, ՍԴՀԿ «Կայծ» երիտասարդական միութիւնը, համագործակցելով Հայ ամերիկեան խորհուրդին հետ՝ կազմակերպած է մոմավառութիւն-հսկում, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 23ի երեկոյեան, Փասատինայի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ, եւ որուն պիտի յաջորդէ քայլարշաւ դէպի Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:
«Քայլարշաւ՝ յիշելու համար»ը խորհրդանշական միջոցառում մըն է, յարգելու համար յիշատակը 1.5 միլիոնին, որ զոհ գնաց մարդկութեան դէմ [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Համերգ Փասատինայի Մէջ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Համերգ Փասատինայի Մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Սենեկային երաժշտութեան համերգներու «Լուսաւորում» շարքի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կ.ե. ժամը 4ին, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգ մը տեղի պիտի ունենայ՝ մասնակցութեամբ Մարինա Մանուկեանի, Սարգիս Գիւրքճեանի, Շան Մենի, Ճան Ուոլցի, Տէյվիտ Եանկի, Անահիտ Ռոստոմեանի եւ յատուկ հիւրեր՝ Էլիսա Ճանսթընի ու Քալիսթա Հոֆմընի: Պիտի կատարուին Կոմիտասէն, Մոզարթէն, Շուպերթէն, Չայքովսքիէն ու Փերկոլեսիէն կտորներ:
Մուտքը ազատ է: [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Դաշնակահար Ծովիկ Մարգարեանի Մենակատարումները՝ Ապրիլ 22-29ին

Դաշնակահար Ծովիկ Մարգարեանի Մենակատարումները՝ Ապրիլ 22-29ին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) երաժշտական բաժանմունքի դոկտորական ուսանողներէն՝ դաշնակահար Ծովիկ Մարգարեան, Ապրիլ 22էն 29ի միջեւ պիտի ունենայ երեք մենակատարումներ, որոնց ընթացքին ան պիտի կատարէ նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի գործերէն:
Ելոյթներէն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Վալենսիոյ «ՔալԱրթս»ի «Ուայտ Պիս»թ սրահին մէջ, երկրորդը՝ Հինգշաբթի, Ապրիլ 26ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Օրենճ գաւառի [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քրիստոսի Թաղման Կարգն Ու Ճրագալոյցը՝ Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Քրիստոսի Թաղման Կարգն Ու Ճրագալոյցը՝ Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը կանխող Աւագ Շաբաթը իր լրումին կը հասնի Աստուածորդւոյն թաղման ու Ս. Յարութեան տօնի նուիրուած արարողութիւններով, որոնց շարքին է Շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցող Ճրագալոյցի արարողութիւնը եւ Ս. պատարագը, որուն աւարտին, հաւատացեալները կը ստանան Յարութեան աւետիսը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, Ապրիլ 6ի երեկոյեան, Թաղման կարգի արարողութեան հանդիսապետեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Համով-Հոտով Աւանդոյթներ Կը Հրամցուին Հայ Նոր Սերունդին

Համով-Հոտով Աւանդոյթներ Կը Հրամցուին Հայ Նոր Սերունդին

ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ-ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Հայկական աւանդոյթները պահպանելու նպատակով եւ միաժամանակ հաւատալով նոր սերունդը ներգրաւելու անհրաժեշտութեան՝ Համազգայինի Աւանդոյթներու միաւորը երկրորդ անգամն ըլլալով ձեռնարկեց հայկական խոհանոցի դասընթացքի՝ թիւ 2, Մարտ 31ին, Շըրմըն Օքսի մէջ, համազգայնականի մը բնակարանին մէջ։
Օրուան խոհարարուհիներն էին Ռիթա Արապեանն ու Սօսի Մածունեանը: «Կ՛ուզենք, որ նոր սերունդը հայկական ճաշեր պատրաստել սորվի, շատ արագ եւ դիւրին միջոցներով», ըսաւ Աւանդոյթներու [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Գրիգոր Պըլտեանին Պիտի Շնորհուի «Նարեկացի» Շքանշանը

Գրիգոր Պըլտեանին Պիտի Շնորհուի «Նարեկացի» Շքանշանը

UCLA-ի Նարեկացիի անուան Հայագիտական ամպիոնի բարեկամներու միութիւնը որոշած է իր 10րդ տարեկան ձեռնարկին ընթացքին իր «Նարեկացի» շքանշանը շնորհել յայտնի գրող, ուսումնասիրող եւ գրական քննադատ Գրիգոր Պըլտեանին: Մեծարեալը պիտի ներկայացնէ նոյն համալսարանին մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդող դոկտ. Յակոբ Կիւլիւճեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 29ին, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91308), երեկոյեան ժամը [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սուրբ Զատիկի Տօնը Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

Սուրբ Զատիկի Տօնը Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Սուրբ Զատիկի առաւօտեան, Ապրիլ 8ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիսապետեց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ կատարուած ժամերգութեան, ապա ժամը 10:30ին, Ս. պատարագ մատոյց: Ս. սեղանին սպասարկեցին Խաժակ քհնյ. Շահպազեան եւ սարկաւագներ, իսկ դպրաց դասի քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ դպրապետ Ստեփան սրկ. Կէօզիւմեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Գեղամ Աշճեանի:
Սրբազանը փոխանցեց իր հոգեւոր պատգամը, [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Ապրիլ» Գրատունը՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Գիրքերու Փառատօնին

«Ապրիլ» Գրատունը՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Գիրքերու Փառատօնին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի եւս, 15րդ յաջորդական տարին ըլլալով, «Ապրիլ» գրատունը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գիրքերու տարեկան փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 21ին (կ.ա. ժամը 10էն կ.ե. ժամը 6) ու Կիրակի, Ապրիլ 22ին (կ.ա. ժամը 10էն կ.ե. ժամը 5):
«Ապրիլ» գրատունը ապահոված է թիւ 219 կրպակը: [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի Յիշատակելի Ելոյթը Լիբանանի Մէջ

Սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի Յիշատակելի Ելոյթը Լիբանանի Մէջ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ու ՀԲԸՄի մշակութային յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 12 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակութային յատուկ ձեռնարկ մը՝ կատարողութեամբ հանրածանօթ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի եւ լիբանանահայ վաստակաւոր խմբավար մայսթրօ Յարութ Ֆազլեանի:
Տասը վայրկեաննոց դադարի մը ընդմիջումով, շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ Պապեան-Ֆազլեան զոյգը՝ [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ոլիվուտի Հայ Դատի «Վերակենդանացում՝ Արուեստի Ճամբով» Ձեռնարկը

ոլիվուտի Հայ Դատի «Վերակենդանացում՝ Արուեստի Ճամբով» Ձեռնարկը

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցը նշելու եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած արուեստագէտներն ու մտաւորականները ոգեկոչելու ու անոնց ստեղծագործութիւնները վայելելու նպատակով, Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Վերակենդանացում՝ արուեստի ճամբով» խորագրեալ մշակութային ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, որ նպատակ ունի անոր միջոցաւ լուսարձակի տակ [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

140 Հազար Տոլար Կը Հանգանակուի «Փիլիպոս»ի 42րդ Ամեակին Նուիրուած Երեկոյին

140 Հազար Տոլար Կը Հանգանակուի «Փիլիպոս»ի 42րդ Ամեակին Նուիրուած Երեկոյին

Ուրբաթ Մարտ 9, 2012ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 42րդ ամեակը տօնուեցաւ Պըրպենքի «Արպաթ» շքեղ սրահին մէջ, ուր մէկտեղուած էին աշակերտութիւն, ուսուցչակազմ, ծնողներ, շրջանաւարտներ եւ «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիքի անդամներ՝ տօնախմբելու համար վարժարանի երկարամեայ նուաճումները:
Երեկոն սկիզբ առաւ լուռ աճուրդով, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ նուիրահաւաքի գումարին:
Յայտագիրի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններու պարախումբը, ապա տեղի [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Փոքրիկ Հայաստանի Մէջ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Քայլարշաւ

Փոքրիկ Հայաստանի Մէջ Ցեղասպանութեան Նուիրուած Քայլարշաւ

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Միացեալ հայ երիտասարդներ կազմակերպութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս, Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին քայլարշաւ մը տեղի պիտի ունենայ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ՝ պահանջելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վնասուց հատուցում:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան այս քայլարշաւը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10ին, Հոլիվուտ եւ Հոպարթ թաղերու խաչմերուկէն: Մասնակիցներու շարքին պիտի [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ապրիլ Ամիսը «Ալէք Փիլիպոս» Վարժարանէն Ներս

Ապրիլ Ամիսը «Ալէք Փիլիպոս» Վարժարանէն Ներս

Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանը, հաւատարմութեամբ իր հայեցի դաստիարակութեան, հայ մշակոյթի ու պատմութեան պահպանման առաքելութեան հետ զուգընթաց կը պատրաստէ վաղուան հայ պատանին ու պարմանուհին, որոնք պիտի յղուին անվերապահօրէն պահանջատէր դառնալու ու հետապնդելու իրենց նախնիներու թափած արեան ու բռնագրաւուած հողերու վերականգնումին:
Առ այդ, վարժարանիս տնօրէնութիւնը յառաջացուց յատուկ յանձնախումբ մը՝ կազմուած հայ թէ օտար ուսուցիչներէ, որոնք ամբողջ [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Նուիրուած Կլենտէյլի Քաղաքապետութեան Ձեռնարկը

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Նուիրուած Կլենտէյլի Քաղաքապետութեան Ձեռնարկը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7ին (դռները պիտի բացուին ժամը 6:30ին), «Ալեքս» թատերասրահին մէջ (216 N. Brand Blvd.) տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկը, որուն գլխաւոր բանախօսներն են Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիկիանիս եւ բեմադիրիչ Էրիք Նազարեան:
Ձեռնարկի ընթացքին պիտի ցուցադրուի նաեւ Նազարեանի «Պոլիս» կարճ ֆիլմը եւ պիտի գործադրուի [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հեծելարշաւ՝ Ուրացման Դէմ

Հեծելարշաւ՝ Ուրացման Դէմ

ԷՆՍԻՆՕ.- ՀԵԴի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 29ին, կ.ե. ժամը 1:30ին տեղի պիտի ունենայ «Ուրացման դէմ հեծելարշաւ»ը, որուն նպատակն է լուսարձակի տակ առնել 97 տարիներէ ի վեր շարունակուող Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:
Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 11ին: Արձանագրութեան սակը 5 տոլար է, իսկ հեծելարշաւը պիտի սկսի «Ֆերահեան» վարժարանէն (5300 White Oak Avenue Encino, [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Զատկուան Արարողութիւն Միշըն Հիլզի Եւ Իկըլ Ռաքի «Արարատ Տուն»երուն Մէջ

Զատկուան Արարողութիւն Միշըն Հիլզի Եւ Իկըլ Ռաքի «Արարատ Տուն»երուն Մէջ

ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տնօրինումով, Ս. Զատկուան տօնին առթիւ, Աւագ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի գլխաւորութեամբ արարողութիւն կատարուեցաւ Միշըն Հիլզի «Արարատ հայ տարեցներու տան» երկու բաժիններուն մէջ: Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան եւ Զարեհ քհնյ. Մանսուրեան իրենց հակիրճ պատգամները տուին, ապա իրենց [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայկական Ցեղասպանութեան Դասաւանդութեան Յատուկ Ֆիլմ Մը Կ՛արտադրուի

Հայկական Ցեղասպանութեան Դասաւանդութեան Յատուկ Ֆիլմ Մը Կ՛արտադրուի

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին (GenEd), երկրորդական վարժարաններու մէջ մատուցուած Հայկական Ցեղասպանութեան դասանիւթին յատուկ վաւերագրական շարժապատկեր մը արտադրուած է:
12 վայրկեաննոց ֆիլմը՝ «The Armenian Journey: From Despair to Hope in Rhode Island», կը պատմէ Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարկրիթ Կարապետեան-Տէր Մանուէլեանի պատմութիւնը՝ պատմուած իր 21ամեայ ծոռ Տալիթա Կեցոյեանի կողմէ:
Շարժապատկերին համար նիւթական աջակցութիւնը կարելի եղած է ապահովել Ռոտ [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Արուեստագէտներու Գործերը Փասատիայի Թանգարանի Ցուցահանդէսին Մէջ

Հայ Արուեստագէտներու Գործերը Փասատիայի Թանգարանի Ցուցահանդէսին Մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- 1945-1980 տարիներուն, Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծագործուած արտայայտչապաշտ արուեստի նմոյշներուն նուիրուած՝ Փասատինայի մէջ Քալիֆորնիոյ արուեստի թանգարանին (490 East Union Street) «L.A. RAW: Abject Expressionism» ցուցահանդէսին ընթացքին, կը ցուցադրուին նաեւ Ժիրայր Զորթեանի, Ճան Ալթունի եւ Չարլզ Կարապետեանի գործերը:
Ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 568-3665 թիւին կամ այցելել www.pmcaonline.org կայքը:

April 16th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայութենէն Գրաւուած Ստացուածքին Մասին Դասախօսութիւն

Հայութենէն Գրաւուած Ստացուածքին Մասին Դասախօսութիւն

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին (GenEd), Երկուշաբթի, Ապրիլ 30ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ հայութենէն գրաւուած ստացուածքին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ փրոֆ. Ուղուր Իւնկուր:
Ձեռնարկի ընթացքին, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պետական վարժարաններու մէջ դասաւանդելու աշխատանքներուն մասին [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հօշարեանի Անուան Կրթանպաստներ

Հօշարեանի Անուան Կրթանպաստներ

ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Յայտնի յօրինող եւ խմբավար Էտուարտ Հօշարեանի յիշատակը վառ պահելու համար հաստատուած կրթանպաստի հիմնադրամը, որ նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտանալ փափաքող համալսարանական հայ ուսանողներու, 2012-2013 կրթական տարեշրջանին համար երկու կրթանպաստներ պիտի տրամադրէ:
Հազարական տոլար սոյն կրթանպաստներուն մանրամասնութեանց եւ դիմումներ կատարելու մասին իմանալու համար, այցելել www.edwardhosharian.com համացանցային կայքը: Դիմումնագիրները պէտք է ամբողջացնել ու ղրկել մինչեւ [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արիւնարշաւ՝ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Համար

Արիւնարշաւ՝ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Համար

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համագործակցութեամբ Ամերիկայի Կարմիր Խաչին, ինչպէս նաեւ ՀԵԴի, ՀՄԸՄի եւ Ամերիկայի երիտասարդ քրիստոնեաներու ակումբի (YMCA) Կլենտէյլի մասնաճիւղերուն, Կլենտէյլի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի եւս նախաձեռնած է երկու արիւնարշաւներու՝ ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Արիւնարշաւներէն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 22ին, կ.ա. ժամը 10էն կ.ե. ժամը 4, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (500 S. Central [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Գիրքին Տարուան Նուիրուած Դասախօսական Ճաշկերոյթ

Հայ Գիրքին Տարուան Նուիրուած Դասախօսական Ճաշկերոյթ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգային առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը, հաւատարիմ իր աւանդութեանց՝ Հինգշաբթի, Մարտ 29ի կէսօրին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր հաճելին օգտակարին միաձուլող ձեռնարկ մը, որ ճաշի սեղանի շուրջ համախմբեց աւելի քան 100 տիկիններ, որոնք ունկնդիր եղան Հայ գիրքի արժէքին մասին դասախօսութեան մը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, ձեռնարկը սկսաւ կէսօրին։ [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կլենտէյլի ՀՕՄի «Սիփան» Մասնաճիւղի Նորաձեւութեան Ցուցադրութեան Ձեռնարկը Ամբողջացուց Իր 25րդ Տարին

Կլենտէյլի ՀՕՄի «Սիփան» Մասնաճիւղի Նորաձեւութեան Ցուցադրութեան Ձեռնարկը Ամբողջացուց Իր 25րդ Տարին

ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
25 տարի առաջ, կիներու հետաքրքրութիւնները գոհացնելու, անոնց ծրագիրներու եւ կլենտէյլահայ կեանքին մէջ կնոջական կազմակերպութեան ձայնը լսելի դարձնելու նպատակով, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղը, «Շամլեան» Ազգային վարժարանին հետ համագործակցաբար, ձեռնարկեց եւ առաջին քայլերը նետեց՝ իրագործելով Նորաձեւութեան ցուցադրութեան ձեռնարկ։ 2012ին ձեռնարկը բոլորեց իր 25րդ տարին:
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան ու անոր Նորաձեւութեան յանձնախումբին, Շաբաթ, [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Վարժարանի Սուրբ Զատկուան Հանդէս

ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Վարժարանի Սուրբ Զատկուան Հանդէս

Շաբաթ, Մարտ 31ին, կ.ա. ժամը 10ին, Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայի Ս. Զատկուան աշակերտական հանդէսը:
«Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան վարժարանի պատասխանատու Ծաղիկ Գարտեանի եւ անոր գործընկերուհի՝ Շաքէ Աբէլեանի կողքին, վարժարանի աւելի քան 45 աշակերտներուն ընկերացած ծնողներուն միացած էին նաեւ մեծ հայրեր, մայրեր եւ հարազատներ՝ կազմելով հաճելի հոծ բազմութիւն մը:
Աւանդութիւն դարձած [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ուսանողներու Խորհրդատուական Հաւաք Փասատինայի Մէջ

Ուսանողներու Խորհրդատուական Հաւաք Փասատինայի Մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի, Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի ու Համազգայինի Փասատինայի մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 8:30, տեղի պիտի ունենայ համալսարաններ դիմելու եւ կրթանպաստներ ստանալու գործընթացի ու պայմաններու ծանօթացման խորհրդատուական հաւաք մը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի երկրորդական վարժարանի ճաշասրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 2925 E. Sierra Madre Blvd, Pasadena:
Տեղեր ապահովելու կամ [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Թեկնածու Նազարեանի Ի Նպաստ Հաւաքը Աւելի Քան 12,000 Տոլար Գոյացուց

Թեկնածու Նազարեանի Ի Նպաստ Հաւաքը Աւելի Քան 12,000 Տոլար Գոյացուց

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութիւնը ապահոված Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի 46րդ ընտրատարածքի աթոռի թեկնածու Ատրին Նազարեանի ընտրապայքարին համար, Հինգշաբթի, Մարտ 15ին տեղի ունեցաւ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որուն մասնակից աւելի քան 50 համակիրները գոյացուցին 12,000 տոլարէն աւելի գումար մը:
Նազարեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ի նպաստ կազմակերպուած այս հաւաքին համար՝ աւելցնելով, թէ հաւաքը առիթ մը եղած է «Ֆերահեան»ի, [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

210 Ազատուղիին Վրայ Առաջնորդարանին Ելքը Ցոյց Տուող Ցուցատախտակի Զետեղման Դիմում

210 Ազատուղիին Վրայ Առաջնորդարանին Ելքը Ցոյց Տուող Ցուցատախտակի Զետեղման Դիմում

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 210 ազատուղիին վրայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին ելքը ցոյց տուող ցուցատախտակ մը զետեղելու նպատակով, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ներկայացուած է թիւ 126 բանաձեւը, նահանգի 58րդ ընտրատարածքը ներկայացնող խորհրդարանական եւ խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավար Չարլզ Քալտերոնի կողմէ:
«Թիւ 126 բանաձեւը կը խորհրդանշէ հայ համայնքին մէջ [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կլենտէյլի Հայ Աշակերտներու Կազմակերպած Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 11րդ Ձեռնարկը

Կլենտէյլի Հայ Աշակերտներու Կազմակերպած Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 11րդ Ձեռնարկը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի միացեալ կր-թաշրջանի վարժարաններուն մէջ գործող Հայ ուսանողական միութիւններու կազմակերպած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան 11րդ ձեռնարկը, Կլենտէյլի երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ (1440 Broadway), երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Սրահին դռ-ները պիտի բացուին երեկոյեան ժամը 6:30ին:
Ձեռնարկին խորագիրն է՝ «Մեր աւանդութիւնները մեզ ողջ կը պահեն», իսկ անոր ընթացքին պիտի դատապարտուի «Աւելի [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Աւագ Երեքշաբթիի Աարարողութիւնը Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Աւագ Երեքշաբթիի Աարարողութիւնը Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթի օրը, մեր եկեղեցւոյ կարգաւորութեան համաձայն՝ յիշատակն է Տասը Կոյսերու առակին։ Այս առիթով՝ յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ի երեկոյեան, հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան, եւ այս առթիւ իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։
Խօսելով Տասը Կոյսերու առակին բովանդակած խորհուրդին մասին՝ [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Եռանդուն Գործունէութիւնը

ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղի Եռանդուն Գործունէութիւնը

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Աւանդութիւն դարձած ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղի թէյասեղան-հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 18ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ։ Փետրուար 17ի ամբողջ օրը, մինչեւ ուշ գիշեր, վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի անդամները սկսած էին թէյասեղանի յատուկ նախապատրաստական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կեդրոնի զարդարանքին։
Թէյասեղաններու յարդարանքը յանձնախումբի անդամներուն պարտականութիւնն էր եւ իւրաքանչիւր անդամ ստանձնած էր սեղանի մը ձեւաւորումը։ Իւրաքանչիւր սեղան յատուկ էր [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ազատամարտիկի Տարուան Ձեռնարկներու Շարքին Կը Ցուցադրուի Ռ. Գիւբէլեանի Ֆիլմը

Ազատամարտիկի Տարուան Ձեռնարկներու Շարքին Կը Ցուցադրուի Ռ. Գիւբէլեանի Ֆիլմը

Ռաճըր Գիւբէլեանի «Լեռներում գտնուող մութ անտառ» վաւերագրական ֆիլմը ցուցադրուեց Ազատամարտիկի տարուայ ձեռնարկների շրջանակում:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը 2012 թուականը յայտարարել է հայ Ազատամարտիկի տարի: Այս առիթով կազմակերպութիւնն անցկացնում է տարաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնց ընթացքում հաւաքուած ողջ հասոյթը տրամադրուելու է արցախեան պատերազմի ազատամարտիկներին:
«Մեր ձեռնարկների նպատակն է համայնքի, մանաւանդ հայ երիտասարդների շրջանում բարձրացնել իրազեկութիւնը Արցախի ազատագրական շարժման, յաղթանակում իրենց անձնուէր [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Շահէ Մանկրեան Կ՛արժանանայ «Պրաւօ» Մրցանակին

Շահէ Մանկրեան Կ՛արժանանայ «Պրաւօ» Մրցանակին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մարտ 1ին, Լոս Անճելըսի Երաժշտական կեդրոնը, որ աշխարհի լաւագոյն երաժշտական կեդրոններէն մէկն է, յայտարարեց իր տարեկան 30րդ «Պրաւօ» մրցանակին մրցանակակիրներու անուանացանկը։ Այս տարի, Մայքըլ Անթոնովիչի վերահսկողութեան ներքեւ գտնուղ Լոս Անճելըս գաւառի հինգերորդ տարածաշրջանի մրցանակակիրն էր Շահէ Մանկրեանը՝ տնօրէն Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանին։
Երաժշտական կեդրոնին «Պրաւօ» մրցանակը, որ հիմնուած [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան Ձեռնարկները

Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան Ձեռնարկները

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կալֆորնիոյ հայ գրողների միութեան (ԿՀԳՄ) գրական ժողովը տեղի ունեցաւ Գլենդէյլի հանրային գրադարանում, Ապրիլի 5ի երեկոյեան՝ ի մի բերելով գրողներ մի բաժակ սուրճի շուրջ. զրուցում են գրչընկերների, գրականասէր հասարակութեան հետ, մտածումներով ու խօսակցութեամբ կիսւում, մտերմանում, վաճառքի դրուած գրքեր գնում: Այնուհետեւ, ազատ բեմում, սեփական ստեղծագործութիւնների ընթերցումով ելոյթ ունեցան գրողներ Հրաչ Մանուկեանը, Լաւրենտի Յովհաննիսեանը, Սահակ Թութչեանը, Հենրիկ [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Դատի Դրամահաւաքին Մեկնարկը Յաջողութեամբ Կը Պսակուի

Հայ Դատի Դրամահաւաքին Մեկնարկը Յաջողութեամբ Կը Պսակուի

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մայիս 20ին կայանալիք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատկերասփիւռային դրամահաւաքին՝ թելեթոնին, մեկնարկը հանդիսացող Մարտ 28ի հաւաքոյթը, որ տեղի ունեցաւ «Նի»չ սրահին մէջ՝ կազմակերպութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցին, յաջողութեամբ պսակուած է:
Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը նաեւ տարեդարձն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սթիւ Արթինեանի, ան «Ֆէյսպուք» համացանցային կայքին ընձեռնած կարելիութիւնները օգտագործած է, իր [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ափիկ Եուսէֆեանի Մեծարման Երեկոյ

Ափիկ Եուսէֆեանի Մեծարման Երեկոյ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Մայիս 20ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 S. Louise, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ թատրոնի, պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի հանրածանօթ դերասանուհի Ափիկ Եուսէֆեանի մեծարման երեկոն՝ կազմակերպութեան անոր դստեր՝ Մերի Ափիկի:
Կազմակերպման աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հայկական, պարսկական եւ ամերիկեան շարք մը կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ:
Ձեռնարկին հանդիսավարներն են՝ Սիւզի Խաթամի, Ալեքս Քալակնոմոս [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Դատի Հանդիպումը Պըրպենքի Ոստիկանապետին Հետ

Հայ Դատի Հանդիպումը Պըրպենքի Ոստիկանապետին Հետ

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Մարտ 26ին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող Սիլվա Քէշիշեանը եւ Արա Մանուկեանը հանդիպում մը ունեցան քաղաքի ոստիկանապետ Սքաթ ԼաՉեսի հետ՝ քննելու համար Պըրպենքի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր եւ անոնց կապակցութեամբ ոստիկանութեան առնելիք քայլերը:
Հայ Դատի ներկայացուցիչները լուսարձակի տակ առին յատկապէս վերջերս ոստիկանութեան դէմ բացուած դատերը ցեղային խտրականութեանց կապակցութեամբ, եւ ոստիկանապետը վստահեցուց, թէ ոստիկանութիւնը շարք [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Տեպի Փուչիկեանի Ընտրապայքարին Ի Նպաստ Խորոված-Դրամահաւաք

Տեպի Փուչիկեանի Ընտրապայքարին Ի Նպաստ Խորոված-Դրամահաւաք

ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի ատենապետուհի Տեպի Փուչիկեանի վերընտրութեան համար դրամահաւաքի աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են: Այդ ծիրէն ներս կազմակերպուած է «Գերխորոված»ի ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Մայիս 16ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն 8ի միջեւ:
Ձեռնարկին վայրը տակաւին յայտնի չէ: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նուիրատուութեանց համար, դիմել (559) 255-1699 թիւին կամ campaign@poochigian.com հասցէին:

April 11th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ամերիկահայերու Դիմագրաւած Հարցերու Եւ Առիթներու Քննարկում

Ամերիկահայերու Դիմագրաւած Հարցերու Եւ Առիթներու Քննարկում

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կ.ե. ժամը 1ին տեղի պիտի ունենայ «Հայկական Հարցը 21րդ դարուն. Ամերիկահայերուն դիմագրաւած հարցերը եւ ընծայուած առիթները» նիւթով քննարկում մը: Օրուան բանախօսն է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Րաֆֆի Համբարեան:
Ձեռնարկը կը հովանաւորեն տէր եւ տիկին Արշակ եւ Նուէր Քուլաճեանները:
Մուտքը ազատ է եւ [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ձեռնադրութիւն Եւ Պարգեւատրում Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ձեռնադրութիւն Եւ Պարգեւատրում Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Մարտ 24ին, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբազան հայրը նաեւ ընթերցեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ 65ամեակին առիթով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յղած Հայրապետական օրհնութեան եւ գնահատանաց գիրը ու «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ով պարգեւատրեց ծուխէն ներս երկարամեայ անձնուէր ծառայութիւն մատուցող [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Աւագ Հինգշաբթիի Արարողութիւններ

Աւագ Հինգշաբթիի Արարողութիւններ

ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ս. Յարութեան տօնը կանխող բազմախորհուրդ Աւագ շաբթուան Հինգշաբթին նուիրուած է առաքեալներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին, որուն ճամբով հաստատուեցաւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը, եւ որուն ընթացքին Յիսուս նաեւ լուաց Իր աշակերտներուն ոտքերը՝ բոլորին տալով խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան օրինակը։
Աւագ Հինգշաբթի օրը կը յիշատակուի նաեւ Քրիստոսի մատնութիւնը, որուն համար կը կատարուի Խաւարման գիշերուան յատուկ արարողութիւն։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 5ի յետմիջօրէին [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հայաստան Եւ Արցախ

Ուխտագնացութիւն Դէպի Հայաստան Եւ Արցախ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Ս. գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կազմակերպած է դէպի Հայաստան եւ Արցախ երկու շաբաթեայ ուխտագնացութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30էն Հոկտեմբեր 13ի միջեւ՝ առաջնորդութեամբ հայր Արմենակ Պետրոսեանի:
Իւրաքանչիւր անձի համար մասնակցութեան սակը 3200 տոլար է. հետաքրքրուողները պէտք է իրենց տեղերը ապահովեն մինչեւ Մայիս 15:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-8400 թիւին կամ Bedrossian99@gmail.com [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մինաս Աւետիսեանի Նկարը՝ Լոս Անջելըսից

Մինաս Աւետիսեանի Նկարը՝ Լոս Անջելըսից

ՄԵԼԱՆԻԱ ԲԱԴԱԼԵԱՆ
Մինաս Աւետիսեանի վրձնին է պատկանում գրականագէտ Նելլի Անանեանի երկու դիմանկար: Երկուսն էլ նկարիչը ստեղծել է կեանքի վերջին ամիսներին, որոնցից մէկը նուիրել է գրող Վախթանգ Անանեանի դստեր՝ Նելլի Անանեանին, միւսը՝ մի անձնաւորութեան. այդ նկարը աւելի ուշ հանգրուանել է Լոս Անջելըսում բնակուող Նաւասարգեան ընտանիքում: Ալիս Նաւասարգեանը՝ ծագումով իրանահայ, արուեստի, մշակոյթի հանդէպ հետաքրքրութիւններ դրսեւորել է մշտապէս, ինչը [...]

April 10th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »