Home » ԳաղութներYou are browsing entries filed in “Գաղութներ”
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ի հիմնադրութիւնը, որուն նպատակը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելն է Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարաններուն:
«Սուրիոյ մէջ զարգացող ցաւալի դէպքերը բնականաբար խանգարած են կեանքի բնականոն ընթացքը: ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաւատայ, որ վարժարաններու բնականոն գործունէութեան ապահովումը կարեւորագոյն երաշխիքն է հայ մատղաշ սերունդի առօրեան բնականոն հունի մէջ պահելու», յայտարարեց ՀՕՄի Կեդրոնական [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Պիննազ Օների Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ետին Մնացածները» գիրքը:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ գիրքին մէջ կը պատմուի, թէ ինչպէս 1915ի ընթացքին տեղահանուած հայերէն ոմանք իրենց աղջիկ զաւակներուն կեանքը փրկելու համար, իրենց բարեկամ թուրք ընտանիքներուն յանձնած են զանոնք:
«Օներ ըսած է, որ իր վրայ շատ ազդած են այն մայրերուն պատմութիւնները, որոնք ստիպուած եղած են [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Պոլսահայ աթլէթի մարզիկ Թորոս Փիլիկօղլու, կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց մարզական աշխարհէն ներս՝ հռչակուելով Թուրքիոյ ախոյեան հեռացատքի մարզաձեւին մէջ։ Թորոս Փիլիկօղլու, որ իր նախակրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ «Գալֆայեան» վարժարանէն, իսկ երկրորդական ուսումը՝ «Կեդրոնական»էն, 19-20 Մայիսին մասնակցեցաւ Իզմիրի ակումբային մրցաշարքին ու 7.62 մեթր ցատքելով՝ երկիրի ախոյեան հռչակուեցաւ։
«Այս կարեւոր յաջողութեան շնորհիւ, Փիլիկօղլու իրաւունք շահեցաւ Թուրքիան ներկայացնելու աշխարհի [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Պոլսահայ պարմանուհի Քրիստին Տինչգայըքճը յաղթող հռչակուած է թատերական մրցումի մը մէջ, որ տեղի ունեցած էր Շիշլիի վեց վարժարաններու միջեւ։ «Քրիստին, որ «Սեն Միշել ֆրանսական վարժարանի աշակերտուհի է, վարժարանի թատերախումբի կազմէն ներս մրցումի դատակազմին ներկայացաւ «Պղտոր ջուր» անունով բեմադրութեամբ ու շահեցաւ առաջնորդ դերասանի տիտղոսը», կը տեղեկացնէ «Մարմարա» օրաթերթը։
Քրիստին Տինչգայըքճը ծնած է 1995ին ու դուստրն է [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի 21 Մայիսի առաւօտուն, Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպեցան Թաւրիզի բոլոր հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամները: Լսելէ ետք կաթողիկոսական փոխանորդին ներածականը՝ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու աշխոյժ գործունէութեան մասին, հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հոգեւոր, մշակութային, բարեսիրական ու մարզական բնագաւառներէ ներս, թեմական կառոյցները եւ միութիւնները կը շարունակեն իրենց առոյգ [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Թուրքիոյ Էրտիլ քաղաքի վարժարաններէն մէկուն մէջ իրականացած մրցոյթի մը ընթացքին, հայ հօր եւ թուրք մօր դուստրը ազգային պատկանելութեան մասին շարադրութիւններու մրցոյթին արժանացած է գլխաւոր մրցանակին:
Ըստ թրքական «Աքշամ» օրաթերթին՝ շարադրութիւնը հրապարակուած է ԱՄՆի Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու կեդրոնի «Հայ ըլլալը Թուրքիոյ մէջ» (To be Armenian In Turkey) պլակին մէջ:
«Անունս Քլարա է, մականունս՝ Եթերօղլու: Որքան կը յիշեմ՝ մէկ [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Անցեալ շաբաթ, պոլսահայ թերթերը ընդվզումի աղմուկ բարձրացուցին, թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթի Մայիս 7ի թիւին մէջ հայ համայնքը հետաքրքրող լրատուութիւն մը լոյս տեսնելէ ետք: Անիկա կը վերաբերէր Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն ներս տեղի ունեցած ընդունելութեան մը, որմէ տեղեակ պահուած չէր հայ մամուլը: Լրատուութեան առանձնաշնորհը վայելած թրքական մամուլն էր, որուն դէմ թրքահայութիւնը «պոյքո»չի շարժումի մը ձեռնարկած էր, անոր [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի նոր կառավարութեան նշանակումէն եւ արդարադատութեան նախարարութեան աթոռին Քրիսթին Թոպիրայի հաստատուելէն ետք, որոշ մտավախութիւններ ծագած են ֆրանսահայ շրջանակներուն մէջ:
Վերջին տարիներուն, Ֆրանսայի մէջ հետզհետէ կը հզօրանայ թրքական լոպին. բազմաթիւ առիթներով ունեցանք ատոր փաստը: Վերջին շրջանին, այդ լոպիին ամէնէն յիշատակուող անունը դարձաւ Տեմիր Էօնկեր, որ Փարիզի «Անատոլու» թուրք մշակոյթի միութեան նախագահ եւ Ֆրանսայի թրքական ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչն [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վիեննայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ Մայիս 19ին տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող Աւստրիոյ մէջ ձեւաւորուած յանձնաժողովի անդրանիկ լիագումար նիստը: Նիստը կը վարէր Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեանը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկանանք, որ նիստին ներկայ էր Հայաստանի Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Քնար եւ Միշա Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ 88 տարի առաջ ծնած է Վաղինակ Ազնաւուրեանը, որ տարիներ ետք իր արուեստով պիտի դիւթէր միլիոնաւոր մարդիկ:
60 տարիներէ աւելի է, որ Ազնաւուրի երգերը թռիչք կը կատարեն ամբողջ աշխարհի մէջ, 60 տարիներէ ի վեր սերունդներ ապրած են Ազնաւուրի երգերով:
Ազնաւուր շուրջ 1000 երգերու հեղինակ է, ու իր ապրած 88 տարիներու բարձունքէն տեսած [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ գործակցութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հաղորդակցութիւններու գրասենեակին, Կիրակի, 20 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ըսեմպլի Հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակի ելոյթ մը՝ կատարողութեամբ Տաթեւիկ Արթինեանի, ներկայութեամբ արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութեան մը:
Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Համազգայինի «Քնար» պարախումբի [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի մէջ պիտի բացուի հայկական դպրոց մը, որուն առաջին 4 դասարաններու աշակերտները պիտի սորվին հայոց լեզու, իսկ բարձր դասարաններուն մէջ հայերէնով պիտի դասաւանդուի հայ ժողովուրդի եւ հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
«Էյ.Վի.Էյ.»ի (Կրուփ աֆ քոմփանիզ օյլ էնտ կազ) նախագահ Վլատիմիր Յարութիւնեան, Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Ռուսիա՝ երէկ, այսօր, վաղը» թեմայով դասախօսութեան ընթացքին [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գաղութներ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, որ յանձնախումբի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը Վարանդ Մկրտիչեանէն փոխանցուեցաւ Վաչէ Ղահրամանեանի:
Վերջինս պաշտօնը ստանձնելու միջոցին յայտարարած է, որ յանձնախումբը տակաւին մեծ խնդիրներ կը դիմագրաւէ:
«Մեր խնդիրներէն կարեւորագոյնը Աւստրալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի տարածումն է եւ յոյսով ենք, որ ի վերջոյ կը հասնինք դրական արդիւնքի», ըսած է Ղահրամանեան:
May 22nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Համացանցի շրջանակներէն ներս Կիրակի օրուընէ ի վեր կը շրջի լուր մը, որուն աղբիւրը անյայտ կը մնայ։ Ըստ այս լրատուութեան, Կետիկփաշայի բողոքականներու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատ. Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ հաղորդուած է, թէ անցեալ շաբաթ կուսակալութեան երկու պաշտօնեաներ իրեն այցելութեան եկած են ու խիստ ոճով մը ազդարարած են, որ վերջ տրուի եկեղեցւոյ գետնայարկը, հայաստանցի ընտանիքներու զաւակներուն [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գաղութներ | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ըստ «Երկրամաս»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ Մայիս 19ին կայացած Ռուսիոյ հայերու միութեան Քրասնոտար երկրամասի տարածաշրջանային մասնաճիւղի նախագահական ընտրութիւնը ընթացած է խայտառակ կերպով: Նախագահական պաշտօնի թեկնածու առաջադրուած են գործող նախագահ Ռազմիկ Գէորգեան եւ Քրասնոտարի քաղաքային Տումայի պատգամաւոր Վլատիմիր Մարեանեան:
«ՌՀՄի տեղական մարմնի ընդհանուր ժողովը շատ վատ է կազմակերպուել, անցել է նեարդային մթնոլոտում: Այս հաւաքներին նման քանակի սպառնալիքներ, վիրաւորանքներ, [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գաղութներ | Read More »
Համազգայինի Ճաշկերոյթ Եւ Մեծարանքի Երեկոյ
Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Կիրակի, Ապրիլ 29ի յետմիջօրէին, ժամը 5:30ից սկսեալ, տէր եւ տիկին Շահէ եւ դոկտ. Լենա Ասատուրեանների հայաշունչ բնակարանի մէջ ունեցաւ իր տարեկան ճաշկերոյթը, ուր պատուըւեցին եւ մեծարանքի արժանացան Համազգայնական ընտանիքի եւ հայ մշակոյթի երկարամեայ ծառայողներ եւ վաստակաւոր համազգայանականներ՝ Գուրգէն Գասապեան, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, Յովհաննէս Մանուկեան, Բաբգէն Սասունի, Վարուժան [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Ա. Ե.
Զուիցերիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան պատասխանատու ընկերուհիները մտածումը ունեցան կազմակերպելու, Ապրիլ ամսուան ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած երկու ձեռնարկներ, որոնք ունէին մէկ կողմէ Հայ Դատի պահանջատիրութեան գծով տարուող աշխատանքներուն ծանօթանալու բնոյթ, իսկ միւս կողմէ կ՛առաջադրէին իբրեւ հայուհիներ խօսիլ, ընդգծե՛լ հայ կնոջ դերը Սփիւռքի մէջ, նաեւ առիթ էին անդրադառնալու, թէ ի՞նչ կը սպասուի սփիւռքահայ կնոջմէ, մանաւանդ՝ ի՞նչ [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 15 Մայիսին, Թեհրանի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Նշան արք. Քարաքեհէեան այցելեց վեհափառ Արամ Ա. հայրապետին։ Ան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառին եւ հրաւիրեց զայն այցելելու Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը։
Յաջորդ օրը, վեհափառը Թեհրանի ու Սպահանի առաջնորդ սրբազաններուն, միաբան հայրերուն եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը։
Եկեղեցւոյ մուտքին, հայրապետը դիմաւորուեցաւ գերապայծառին կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցած Գիրքի 38րդ միջազգային ցուցահանդէսին, ուր առանձին տաղաւարով ներկայացուած էր Հայաստանը, 1 Մայիսին նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրը:
Օրուան կեդրոնական ձեռնարկը, որ կը վայելէր Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութիւնը, տեղի ունեցաւ «Խօսէ Ֆերնանտեզ» սրահին մէջ: Ընթացքին ելոյթ ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական Յ. Եակոբեանն ու Պուէնոս Այրես քաղաքի մշակոյթի նախարար [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- Կիրակի, 13 Մայիսին, Գոմոթինիի եկեղեցւոյ կից գտնուող մշակութային սրահէն ներս գումարուեցաւ Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ Հայ Գթութեան Խաչի 42րդ Պատգամաւորական ժողովը, ի ներկայութիւն ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամուհի Լիզա Աւագեանի, ՀԳ Խաչի հինգ մասնաճիւղերէն ժամանած պատգամաւորներու, Շրջանային վարչութեան անդամուհիներու եւ հիւրերու:
Ժողովը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայ Գթութեան Խաչի բարեսիրական, խնամատարական, կրթական բազմակողմանի գործունէութեան երեսներուն, քննարկեց անցնող տարեշրջանի աշխատանքներու [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սթար» թերթի աշխատակից Նեշէ Սարըտողանի ստորագրութեամբ հրատարակուած լրատուութեան մը համաձայն, 80ամեայ Ֆաթմա Եավուզ նամակ մը ղրկած է Տերսիմի յանձնախումբին եւ պահանջած է որ գրաւոր կերպով ներողութիւն խնդրուի իրմէ, քանի որ ինք հայկական ծագում ունենալով հանդերձ Տերսիմի պատահարներէն վերջ փոքրիկ տարիքէն խլուած էր ընտանիքէն ու անկէ ետք ստրուկի վերաբերում տեսած էր ամբողջ կեանքի մը [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 15 Մայիսի կէսօրէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի, հոգեւոր հայրերու, եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներու, այցելեց Թեհրանի Սարտարապատ քաղաքամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր համախմբուած էր քաղաքամասի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջով եւ հաւաքուած հոծ բազմութեան ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք, վեհափառ հայրապետը եկեղեցւոյ [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 14 Մայիսի առաւօտուն, իսլամական մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ կայացաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան 5րդ համագումարը՝ յաջորդական նիստերով:
Բացման եւ բոլոր նիստերուն նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Բացման նիստին նախագահեցին եւ ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Կեդրոնի ուսուցման եւ գիտահետազօտման հարցով օգնական դոկտ. Մոհամմետ Թեհշիրի, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, իսլամական դաւանանքներու [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱԹԼԱՆԹԱ.- Աթլանթայի նահանգապետարանի, Ապրիլի 24ի հաւաքոյթին հայերու հետ մասնակցեցան եւ զեկոյցներով հանդէս եկան շարք մը քաղաքական գործիչներ, դատաւորներ, իրաւաբաններ, պետական պաշտօնեաներ:
Աւանդական բազմամարդ հաւաքի բացումը կատարեց իրաւաբան Վարդուհի Աղասարգիսեան-Ճինեանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն իրենց երկար տարիներու անսակարկ աջակցութեան եւ ներկայութեան համար, ներկայ հայ համայնքին, Ամերիկայի Հայ Դատի Աթլանթայի մասնաճիւղին, Ամերիկեան-Հայկական միութեան եւ բոլոր հայ համայնքի [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՔԵՄՊՐԻՃ, «Մարմարա».- Յառաջիկայ 24 Մայիսին, Քեմպրիճի )Մեսեչուսեց) «Ռոյըլ Սոնեսթա» պանդոկի սրահներուն մէջ պիտի կայանայ ընդունելութիւն-ճաշկերոյթ մը, նուիրուած «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 80ամեակին։ Օրուան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան։
Ձեռնարկի ընթացքին երկարամեայ ծառայութիւններու համար սահմանուած մրցանակ մը պիտի շնորհուի «Պենթլի» համալսարանի վերատեսուչ եւ պատուակալ նախագահ, տոքթ. Կրեկըրի Ադամեանին, իսկ «գերազանցութեան» համար [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Ըստ «Ակօս»ի, Տերսիմի մէջ այս տարի աոաջին անգամ ըլլալով կը կայանայ քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած մարդկային իրաւանց նիւթերով ֆիլմերու փառատօն մը, որ տեղի պիտի ունենայ 25-29 Մայիսին: Բացի ֆիլմերու ցուցադրութենէն, փառատօնի շրջագիծին մէջ պիտի կազմակերպուին նաեւ զրոյցներ եւ շրջակայքի պտոյտներ:
Սոյն փառատօնին խորհրդատուներու կարգին կը յիշուին Պինկէօլ Էլմաս եւ փրոֆ. Սելահատտին: 2010 եւ 2011 տարիներուն արտադրուած [...]
May 16th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Ուրբաթ, 11 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթը՝ ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, միութենականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Կիթառահարներու համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է քոլեճի կիթառի ուսուցիչ եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ վերամշակած է ելոյթին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները:
Համոյթը ներկայացուց սպանական, պրազիլեան, ռուսական եւ այլ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս՝ «Մորենիթա»ն, [...]
May 16th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին, Հինգշաբթի, 10 Մայիս 2012ին, կէսօրուան ժամը 12ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակի աշակերտական հանդիսութիւն:
Հայաստանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինին անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ յայտնեց, թէ հայութիւնը կը գտնուի դէմ յանդիման Շուշիի պատմական յաղթանակը պահպանելու մարտահրաւէրին, որ կը յաղթահարուի [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Նուվել տ՛Արմէնի».- Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ 57 տարեկան հայ մը՝ Րաֆֆի Քարճեան իր տան մէջ սպաննուած է անծանօթներու կողմէ: Ցայժմ Սուրիոյ հայ համայնքը՝ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ կեդրոնացած, զերծ մնացած էր ըմբոստներու արիւնալի հարուածներէն: Երեքէն չորս հայեր մահացած էին պատահական պայթումներու հետեւանքով: Վերոնշեալ պայթումները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան Հալէպի եւ Տամասկոսի մէջ:
May 15th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ Կիրակի գիշեր փլուզուած է հայկական Ս. Նշան եկեղեցւոյ գմբէթը: Այս մասին «Թերթ.ամ»ին յայտնած է Թիֆլիսի հայկական համագումարի համակարգող, «Բազմազգ Վրաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Առնոլդ Ստեփանեանը:
Ըստ Ստեփանեանի՝ Ս. Նշանը լրջօրէն տուժած է եւ շուրջ 2 ամիս առաջ Վրաստանի պատրիարքարանին հետ ձեռք բերուած է համաձայնութիւն մը, որպէսզի Վրաստանի իշխանութիւնները ամրապնդեն Ս. Նշանի պատերն [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառը իր շքախումբով յաջորդաբար այցելեց Ս. Բեթղեհէմ, Ս. Աստուածածին, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները, ապա ազգային կրթահամալիրի սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ թեմի երիտասարդութեան հետ:
Յանուն երիտասարդութեան խօսք առաւ Սելին Ղարիպեան, որմէ ետք, առաջնորդ սրբազանը հակիրճ բացատրութեամբ մը հայրապետը իրազեկ դարձուց թեմի երիտասարդական կառոյցներուն ու անոնց գործունէութեան մասին:
Արամ [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- Վերջերս Յունաստանի Հրետանային բարձրագոյն դպրոցին մէջ (Մեղալօ Փեւքօ) կայացած է ունկնդիր սպաներու աւարտական հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են ՀՀ ԶՈՒ նորաւարտ 3 սպաներ՝ Թագւոր Կոջաբաշեան, Զօրայր Սահակեան, Գուրգէն Ղազարեան:
Վերջիններս 2011ի ամրան աւարտելով «Էվելփիտոն» ռազմական ակադեմիան՝ դարձած են Հրետանային դպրոց ընդունուած ՀՀ ԶՈւ առաջին ներկայացուցիչները:
Արարողութեան ընթացքին հանդիսաւոր կերպով աւարտական վկայականներ յանձնուած են սպաներուն: Դպրոցի պետ, [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Պրազիլահայ ճատրակիստ Արմէն Բրուտեան երկրորդ անգամ ըլլալով նուաճեց մինչեւ 18 տարեկաններու Պրազիլի ախոյեանի տիտղոսը։ Իսկ Գարի Կիրոյեան յաղթող հռչակուեցաւ Ֆրանսայի մինչեւ 16 տարեկաններու ախոյեանութեան մրցապայքարին։
Երկու ճատրակիստներն ալ այս յաղթանակներով հաստատեցին իրենց առաւելութիւնները տարեկիցներու նկատմամբ. անոնք, միաժամանակ, Ֆրանսայի ու Պրազիլի մէջ բաւական յաջող խաղարկութիւն ցոյց կու տան նաեւ աւագ տարիքի ճատրակիստներու մասնակցութեամբ մրցաշարքերուն։
May 15th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Երեւանի բնագիտութեան հիմնարկի վարիչ եւ Հայաստանի Անջրպետային ճառագայթային բաժանմունքի պետ փրոֆ. Աշոտ Չիլինկարեան Ապրիլ ամսուան ընթացքին հրաւիրուած էր Իտալիոյ մէջ գտնուող Եւրոպական անջրպետային հիմնարկի կեդրոնատեղին, մասնակցելու համար խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին ան առիթը ունեցած է ծանօթանալու իտալական «Աճիլ» անջրպետային արբանեակին հնգամեայ ուսումնասիրութեան մանրասնութեանց:
Այս առիթով, փրոֆ. Աշոտ Չիլինկարեան նաեւ միջազգային անջրպետագէտներու ներկայացուցած է Արագած լերան վրայ [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈՍԹԸՆ.- Յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, այս տարի, յաջորդաբար 61րդ անգամն ըլլալով պիտի նշուի «Պոսթըն Փափս»ի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթ «Սիմֆընի Հալ» սրահին մէջ:
Այս տարուան հայրենի արուեստագէտն է՝ Նարեկ Յարութիւնեան (քլարինէթ), որ պիտի ներկայացնէ Վիթորիօ Մոնթիի հռչակաւոր «Չարտաս» գործը, Կոմիտասի «Կռունկ»ը եւ ճեզ հանրածանօթ աւագասրնգահար Արթի Շոյի «Համանուագ»ը:
19 գարուններ բոլորած Նարեկ Յարութիւնեան երկու տարի [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ.- Սպանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Պարսելոնայի Սանթա Քալոմա Տէ Կրամենեթ քաղաքի խորհուրդը Մայիս 4ին, միաձայնութեամբ բանաձեւ մը ընդունած է՝ դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ հայերու դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:
Խորհուրդին նիստին ներկայ էին Սպանիոյ մէջ գործող հայ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները եւ անդամները, որոնք բարձրացուցած էին Ցեղասպանութենէն նկարներ եւ պաստառներ: Բանաձեւը քուէարկուած է խորհուրդը կազմող բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ:
Բանաձեւի [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, Շաւիլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կրօնական ընկերակցութիւնը կը հիւրասիրէր «Ֆրանսա-æաւախք» միութիւնը, ներկայացնելու համար Վրաստանի հայկական տարածքներու ներկայ իրավիճակը եւ տարած գործունէութիւնը:
Նախ, ուշադիր բազմութիւն մը ունկնդրեց Շաւիլի հոգեւոր հովիւ Գուրգէն վրդ. Աղապապեանի æաւախքի մասին կատարած պատմականը, նախաքրիստոնէական շրջանէն մինչեւ 1920ական թուականները եւ անոր ներառումը Վրաստանի հանրապետութեան կազմին մէջ:
Ապա, միութեան անդամ Յովհաննէս Քիւլչէեան [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանահայ երաժիշտ, խմբավար, տուտուկահար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեան հայկական տուտուկը ներկայացուց Աւստրիոյ «Էսթերազի» երաժշտական միջազգային փառատօնին:
Այս տարեշրջանին փառատօնի ծիրին մէջ նկատի առնուած էր նաեւ արաբական եւ պալթեան երկիրներու երաժշտական համագործակցութեան ծրագիր մը, որուն յաջորդական երեք օրերուն ընթացքին կատարուեցան պալթեան եւ արաբական երկիրներու ականաւոր երաժշտահաններու նորագոյն եւ յատկապէս այս առիթով յօրինուած շարք մը ստեղծագործութիւններ, որոնց [...]
May 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Քասթամոնօ նահանգի Թաշքէօրփու շրջանին մէջ, դպրոցի մը պատի քանդման հետեւանքով յայտնաբերուած են պատմական գերեզմաններ, որոնք կ՛ենթադրուին ըլլալ հայերու գերեզմաններ:
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին՝ տեղացիներ յայտնած են, որ այնտեղ ժամանակին հայկական գերեզմանոց եղած է: Տեղացի երկու բնակիչներ փորձած են գիշերով քանդել գերեզմանները՝ ոսկի յայտնաբերելու յոյսով, սակայն, ոստիկանութիւնը ձերբակալած է զանոնք: Անոնք մեղադրուած են [...]
May 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 9 Մայիսին, Շուշիի հերոսական ազատագրման 20ամեակին առիթով, Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»ին կատարած «Յանուն Արցախի Հզօրացման» խորագրեալ ռատիոթոնին հաւաքուած է 57,000 տոլար գումար մը: Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ռատիոթոնին մասնակից բոլոր հայորդիներուն, որոնք սատարեցին Արցախի վերաբնակեցման ու պետականութեան հզօրացման:
May 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՆԱՔՕ.- Անցնող դարու սկիզբին, հայրենիք ներգաղթելէ առաջ, Երուանդ Քոչար հաւասարապէս կը ցուցադրուէր Փապլօ Փիքասոյի, Ֆերնան Լեժէի կամ Խուան Միրոյի կողքին, եւ կ՛արժանանար համահաւասար եւ երբեմն նաեւ աւելի բարձր գնահատանքներու: Այս մէկը կը վկայէ նաեւ ֆրանսացի յայտնի արուեստաբան Վլատիմիր Ժորժի՝ Երուանդ Քոչարի մասին գրած գրքոյկը: Ան թէ՛ ստեղծագործական նորարարութեամբ կը նպաստէր խորանարդապաշտական դպրոցի կազմաւորման ու զարգացման, [...]
May 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Օսլոյի կառավարական պալատին մէջ, 7 Մայիսին տեղի ունեցած է «Պիզնըս յանուն խաղաղութեան -2012» մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութիւն, որուն ընթացքին մրցանակ տրուած է Էտուարտօ Էռնեկեանին: Այս հեղինակաւոր մրցանակը կը շնորհուի նոպէլեան մրցանակակիրներէ կազմուած յանձնաժողովին կողմէ, որ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ականաւոր գործարար անձերու գործունէութեան եւ ընտրութիւն կը կատարէ։
Մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութեան ներկայ էին [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Վարեց՝ ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Պարոն աւագ հիւպատոս, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրով, Մարսէյի մէջ գոյութիւն ունեցած է հիւպատոսութիւն՝ յանձինս պարոն Տիգրան Միրզայեանցի, որ մեծ նպաստ ունեցած է 1922էն 1924 հոս հասած բազմահազար գաղթականներու ընդունման ու յատկապէս Քեմփ Օտտոյի մէջ տեղաւորման: Դուք տեղեա՞կ էք անկէ:
ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇ.- Քիչ մը. բայց յստակ գաղափար չունիմ, թէ իսկական հիւպատոսութի՞ւն էր, թէ [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 8 Մայիսի յետմիջօրէին, Արամ Ա. հայրապետ այցելեց Իրանի Սասուն քաղաքամասին մէջ գործող ՀՄ «Սիփան» միութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՄՄ «Րաֆֆի» համալիրը: Երկու այցելութիւնները սկիզբ առին աղ ու հացի աւանդական օրհնութեամբ, որմէ ետք վեհափառը սկաուտական շարքերուն մէջէն յառաջացաւ եւ դիմաւորուեցաւ խուռներամ բազմութեան ծափողջոյններով:
Երկու այցելութիւններուն ընթացքին գործադրուեցան գեղարուեստական յայտագիրներ: Հայրապետը նաեւ իրազեկ դարձաւ անոնց գործունէութեան, օրհնեց [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 26ի յետմիջօրէին, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի սրահին մէջ աշակերտները ներկայացուցին հանդէս մը՝ քնարերգակ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի գրականութեան նուիրուած։ Այս հանդէսը պատրաստուած էր վարժարանի հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներ Պայծառ Եիւճէճանի եւ Ժպտուն Զուռնաճըի կողմէ։ Ներկայ էին վարժարանի չորրորդէն ութերորդ դասարանի բոլոր աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողներ։ Ներկայ էին նաեւ Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիշէ [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 7 Մայիսին Լիբանանի Մամլոյ սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան մամլոյ՝ Նահատակներու յիշատակի օրուան նուիրուած հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան 50 տարիէ ի վեր լիբանանեան մամուլին ծառայած 14 վաստակաւորներու, որոնց կարգին՝ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմի երկար տարիներու բազմավաստակ անդամներէն հրապարակագիր, գրող, բանաստեղծ եւ մտաւորական Շահանդուխտին:
Հանդիսութեան իշխանութեան երեք պետերը կը ներկայացնէր տեղեկատուութեան [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, 7 Մայիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական ու հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Թեհրան: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մուտքին, վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ խուռներամ հաւատացեալներու ծափողջոյններով: Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, վեհափառը իր շքախումբով մուտք գործեց եկեղեցի: Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ողջոյնի ջերմ խօսք ուղղեց վեհափառին եւ ապա հրաւիրեց զայն իր անդրանիկ պատգամը [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ուրբաթ, Մայիս 4ին, Նիւ Եորքի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կեդրոնի մուտքին, շրջանի հայ գաղութը խաղաղ ցոյց մը կատարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութեան առթիւ:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Նիւ Եորքի «Ա. Գարօ» եւ Նիւ Ճըրզիի «Դրօ» կոմիտէութիւններուն, սոյն ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան յիսուն հայորդիներ, որոնք բռնած էին պաստառներ, իրենց մտահոգութիւնն ու դժգոհութիւնը կը փոխանցէին [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս, Մայիս 3ին Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» (The California Courier) թերթի հրատարակիչ եւ գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեանի հետ տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ անոր հեղինակած «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Աշխարհը ձայն կը բարձրացնէ, 1915-2005. փաստաթուղթեր եւ հռչակագիրներ» գիրքի արաբերէն երկրորդ հրատարակութեան շնորհահանդէսի առթիւ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց [...]
May 8th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 4 Մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երուանդ Օտեան» թատերախումբը հանդէս եկաւ «Ռիւ Սիս, Քաֆէ Մասիս» թատերախաղով, հեղինակ եւ բեմադրիչ՝ Վաչէ Ատրունի:
Այս գործը շարունակութիւնն է առաջին թատերախաղին, որ կը կոչուի «Մեր Թաղը»: Եռախաղ թատերգութիւնը իր ամբողջութեան մէջ կը կոչուի «Մեծ Աշխարհի Փոքրիկ Անկիւնը»: Առաջինը Նոր Մարաշի մասին [...]
May 8th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Սոուըրլենտ Իվեն»չ (Sauerland Event) ընկերութեան գլխաւոր «մենէյճըր» Կրիս Մայեր Մայիս 7ին յայտարարած է, որ երկրորդ միջին կշիռքի դասակարգի WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Ռապըրթ Շթիկլիցի եւ տիտղոսի յաւակնորդ Արթուր Աբրահամի մենամարտը կրնայ տեղի ունենալ Օգոստոս 25ին: Մրցավայրը դեռ չէ որոշուած. տարբերակներն են՝ Պերլին, Համպուրկ եւ Մակտեպուրկ:
Նշենք, որ Մայիս 5ին Էրֆրութի մէջ Շթիկլիցը պաշտպանեց իր տիտղոսը՝ յաղթելով [...]
May 8th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Պոլսոյ Սահակեան Սանուց միութիւնը, իր հիմնարկութեան 60ամեակը պիտի տօնէ Հայաստանի անուանի երգչուհի Նունէ Եսայեանի համերգով:
11 Մայիսին կայանալիք համերգին համար ցարդ վաճառուած է 1300 տոմսակ: Հայկական երկրորդական վարժարաններէն որոշ թիւով աշակերտներ անվճար պիտի հետեւին համերգին: «Լիւթֆիւ Քըրտար» համերգասրահը ապահովուած է Օիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարընի ջանքերով:
Երգչուհի Նունէ Եսայեան, իր կարգին, ուրախ է [...]
May 8th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Ապրիլ 23-27, Սթոքհոլմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Շուէտի Հայկական ընկերակցութիւններու միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համատեղ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Սկանտինաւեան արձագանգը» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցահանդէսը:
Սոյն ցուցահանդէսը առաջին անգամ 2011ի Ապրիլին ներկայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, աշխարհահռչակ նորվեկիացի բեւեռախոյզ, մարդասէր Ֆ. Նանսենի ծննդեան 150ամեակին առիթով:
2011ին պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Շուէտի եւ Նորվեկիոյ արտաքին [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները, որոնք փայլուն յաջողութիւններ ունին «Մայնտ լեպ» մտային խաղերու մարզէն ներս, այս տարի ալ նոր նուաճում մը արձանագրեցին եւ Թուրքիոյ ախոյեան հռչակուեցան։ Չորս տարիէ ի վեր անոնք անընդմէջ յաղթական կը հռչակուին։
Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս «Մայնտ լեպ»ի դասերը բարձր հիմերու վրայ դրուած են ու աշակերտներ կանոնաւոր կերպով կը հետեւին այս դասին, իրենց մտային [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Արշիլ Կորքիի «Խորգոմ» գործը 9 Մայիսին աճուրդի պիտի դրուի հռչակաւոր «Սոտըպի՛զ»ի մէջ։ Անիկա մաս կը կազմէ Ֆորթսմըն ընտանիքի հաւաքածոյին, անոր նախնական գինը 3-4 միլիոն տոլար է: Աճուրդի տան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, նկարը ամերիկեան վերացական արտայայտչականութեան եւ եւրոպական գերիրապաշտականութեան հանդիպումը կը հանդիսանայ։ Մասնագէտներու համաձայն, 1930ականներուն գերիրապաշտութեան ներթափանցումը Ամերիկա, օգնեց մեծ նկարիչին ստեղծելու իր նկարչական [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին, Երկուշաբթի, 30 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մօտէն ճանչնանք Տինքը» խորագիրով յուշահանդէսը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Քեստենեան, որ նշեց, թէ Հրանդ Տինք եղաւ այն առաջնորդը, որ թուրք հասարակութեան կարծիքը լուսաբանեց ժողովրդավարութեան եւ Հայկական հարցի գաղափարներով: Ան հաստատեց, որ «Ակօս» թերթը կը շարունակէ Հրանդ Տինքի ուղին:
Ապա [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, «Սիփան» միութեան Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, մեծ թիւով աշխատաւոր հիւրերու, խորհրդարանի գործող եւ նորընտիր պատգամաւորներ՝ Գէորգ Վարդանեանի, դոկտ. Կարէն Խանլարեանի ու «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի ներկայութեամբ, նշուեցաւ Աշխատաւորութեան համաշխարհային օրը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սասուն քաղաքամասը գտնուող «Նայիրի» սրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արմէն Բէգլարեան, որ նաեւ օրուան հաղորդավարն էր: [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, փոխծովակալ Սերգէյ Աւագեանցը նշանակած է Ռուսիոյ ռազմածովային ուժերու խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի հրամանատար՝ ազատելով զայն նաւատորմի հրամանատարի առաջին տեղակալ-սպայակոյտի պետի պաշտօնէն: Այս մասին կը նշուի Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Ըստ gazeta.ru-ի՝ Գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիան աւարտելէ ետք, 2007 Մայիս-Սեպտեմբերին Աւագեանց նշանակուած է Սեւծովեան նաւատորմի Նովոռոսիյսքի ռազմածովային կայանի սպայակոյտի պետ, սակայն ան հրաժարած [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 1 Մայիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Էմիրութիւններ: Վեհափառ հայրապետը Արաբական Էմիրութիւններ պիտի մնայ մէկ շաբաթ եւ պիտի նախագահէ Շարժայի, Տուպայի ու Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք եկեղեցական ու համայնքային ձեռնարկներու: Վեհափառին Արաբական Էմիրութիւններ այցելութեան հիմնական նպատակը Ապու Տապիի մէջ նոր եկեղեցւոյ մը հիմնարկէքն է:
Ապա հայրապետը պիտի մեկնի Իրանի Իսլամական [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 30 Ապրիլի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի մեծ սրահին մէջ մեծարուեցաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան: Համազգայինի նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութեան կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին բացումը կատարեց բանաստեղծ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանը, որ հայերէնով եւ ապա արաբերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքերով վեր առաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի ստեղծագործական արժանիքները:
Ապա հիւր բանախօս, ծանօթ արուեստաբան-քննադատ Ֆայսալ Սուլթան [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, Պրահայի (Փրակ) Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի երկարամեայ նախկին աշխատակից, վերջին տարիներին ԱՄՆի Գլենդէյլ քաղաքում բնակուող Արմէն Դիլանեանի հոգեհանգստի արարողութիւնը, որը կազմակերպել էր Պրահայի հայկական համայնքը՝ ի յիշատակ նրա անժամանակ կորստի:
Արարողութեանը ներկայ էին «Ազատութիւն» ռադիօկայանի տարբեր ծառայութիւնների աշխատակիցները, համայնքի ներկայացուցիչներն ու լրագրողի մտերիմ ընկերները: Յիշատակի խօսք ա-սաց «Ազատութիւն» ռա-տիօկայանի [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մալթայի դեսպան Շարլ Հանրի Տարակոն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած շարք մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը դեսպանին պարզեց իր պատկերացումը՝ Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնեայ-Իսլամ գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ձգտող: Այս առիթով վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան, [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Հայոց Ցեղասպանութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 27 Ապրիլի երեկոյեան եւ կազմակերպութեամբ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական միութիւններուն, տեղի ունեցաւ ջահերով երթ եւ բողոքի քայլարշաւ «Արդարութեան Համար» կարգախօսով:
Մոթեվիտէոյի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի շէնքի մօտէն սկսած հարիւրաւոր երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ գաղութէն մեծ թիւով հայրենակիցներ ուղղուեցան քաղաքի գլխաւոր պողոտայ, հսկայ պաստարներով, եռագոյն դրօշներով եւ ջահերով: Պողոտայի մէկ բաժինը [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին ա-ռիթով, «Յուսաբեր» Երիտասարդաց միութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Տը Լարք Ֆարմ» ժապաւէնը:
Շուրջ 100 մասնակիցներու կողքին ներկայ էին Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, «Յուսաբեր»ի ներկայացուցիչ Պետրոս Մխտիկեան եւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ բժշկ. Սուրէն Պայրամեան:
Ակումբի մուտքի աստիճաններուն [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց «Դէպի Ջաւախք» իր նոր ծրագիրը:
2011ին կայացած ՀԵԴի Պատգամաւորական ժողովին որոշում առնուած էր ՀԵԴի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Պատմական Հայաստանի կամ Սփիւռքի քաղաքի մը վրայ: Այս որոշումի նպատակն էր ՀԵԴի անդամները դաստիարակել եւ զանոնք տեղեակ պահել տուեալ քաղաքի պայմաններուն մասին, օժանդակութեան ձեռք երկարել այնտեղ ապրող հայերուն ու տեղւոյն երիտասարդներուն [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Գրիգոր Զօհրապ գողգոթայի ճանապարհին» թատերգութիւնը Կիրակի, 29 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մարմին ու հոգի առաւ՝ հեղինակ, բեմադրիչ եւ կատարող Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի կողմէ, ու անոր յատուկ եւ բազմատաղանդ կարողականութեան ընդմէջէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած տպաւորիչ ու մեր պատմութեան ամէնէն [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, գործակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Երեւանի պետական թանգարան-հիմնարկին եւ աջակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան Շաբաթ, 28 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Քափուսեններու եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը արտասահմանեան մամուլի առաջին էջերուն» նիւթով ցուցահանդէսի բացումը:
Ներկայ էին լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Եկեղեցւոյ չորս դին ցուցադրուած [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ իրանահայ պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեան դատապարտած է Ֆլորիտայէն կղերական Թերի Ճոնզի կողմէ՝ Քուրանը կրկին այրելու փաստը եւ նշած, որ ինք կը ձգտի հանդարտեցնելու կրօններու միջեւ տարաձայնութիւնը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, հոգեւորականը Ապրիլ 28ին այրած է Քուրանի քանի մը նմոյշներ:
Բեգլարեան խստօրէն դատապարտած է այս քայլը եւ ընդգծած, որ նմանատաիպ արարքներ անընդունելի են: Խորհրդարանականը [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԱՒՐԻԶ.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրթական նախարարութեան կողմէ կայացած մրցոյթի ընթացքին, Թաւրիզի Հայոց դպրոցի տեսչուհի՝ տիկին Արմինէ Յովսէփեան-Վահրամեանին շնորհուեցաւ Առաջին մրցանակը:
Արդարեւ, պետական յիշեալ կառոյցը, երկրի ամբողջ տարածքին Դպրոցներու տեսուչներուն կողմէ վարչական-կազմակերպական եւ կրթական ծրագիրներու իրականացման մասին կատարած գրաւոր աշխատասիրութիւնը գնահատելով՝ Առաջին մրցանակը պաշտօնապէս յանձնեց Հայոց դպրոցի տեսչուհիին:
Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, այս [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթ դաշնակցու-թեան Շաբաթ, 28 Ապրիլին, Լիբանանի համալսարանի դաշտին վրայ (Հատեթ) տեղի ունեցան լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիառաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ակումբներ:
Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումներուն առաջին հանդիսացաւ Կրեթթա Թասլաքեան, որ արձանագրեց 12.30 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Այնպէս կը թուի, որ Թասլաքեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լոնտոնի 2012ի ողիմպիական խաղերուն՝ իբրեւ Լիբանանէն հիւր [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 23 Ապրիլին ընդունած է Արժանթինի «Արմէնիա» թերթի խմբագիր Գէորգ Գազանճեանը, «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի խմբագիր Տիանա Տէր Կարապետեանը, «Ինթէկրասիոն Արմէնիա» ռատիօժամի տնօրէն Օսքար Լօլօմճեանը եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան քարտուղար Էտկարտօ Գէորգեանը:
Նախարար Յակոբեան յատուկ կերպով անդրադարձած է հայապահպանութեան իմաստով սփիւռքի լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան կարեւորութեան՝ [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը կազմակերպէ Յարութ Սասունեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հեղինակած գիրքին արաբերէն վերահրատարակութեան շնորհահանդէսը, Հինգշաբթի, 3 Մայիսին, դեսպանատան մէջ:
«Հրաւիրուել են տեղական մամլոյ ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ եւ հասարակական գործիչներ», կը յայտնէ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանի օգնական Սմբատ Խաչատրեանը:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ-խմբագիր Յարութ Սասունեանի գիրքը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է Պէյրութի մէջ 2006ին, կը [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է համաձայնագիր մը, որով Մխիթար Գոշի մետալով պարգեւատրած է Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեանը։ Հրամանագիրով կը հաստատուի, որ Գրիգորեան այս մետալին կ՛արժանանայ հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին եւ երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան համար։
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Թուրքիան կրնայ հերքել իր կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն կան մարդիկ, որոնք վերապրած են Ցեղասպանութիւնը: Մենք կը ճանչնանք զանոնք, մենք գիտենք, թէ դուք ի՛նչ ըրած էք», այսպէս կը սկսի իր պատմուածքը «Հաֆինկթըն Փոս»չի լրագրող Քորթնի Քաշա, որուն մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն մէկը եղած է:
Քորթնի Քաշայի խօսքերով, իր մեծ հայրը՝ Մարսէլ Քաշա (Միսաք Քաջատուրեան), փրկուած [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հանգստացէ՛ք
Առաջինը, որ ուզում եմ ասել՝ ընտրութիւնները աւարտուելու են: Աշխարհի վերջը չի: Կեանքը շարունակուելու է, եւ մենք ապրելու ենք կողք կողքի, նայելու ենք իրար երեսի, յիշելու ենք՝ ով ինչպէս է պահել իրեն այս օրերին:
Մենք բոլորս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ ենք, բացարձակ մեծ մասիս նպատակը նոյնն է. տեսնել մեր երկիրը զարգացող, կայուն, բարեկեցիկ, անվտանգ:
Եւ գուցէ ամենակարեւորը՝ մեր երկրում [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Եգիպտական պատկերասփիւռի «Օն Թի.Վի. Լայվ» կայանը, 24 Ապրիլի երեկոյեան «Սուրա Քամիլա» յայտագիրէն պատրաստեց ու սփռեց Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին նու-իրուած կենդանի հանդիպում-զրոյց մը, որ կը կրէր «100 տարի՝ Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան» խորագիրը։
Յայտագիրին կը մասնակցէին Գահիրէի «Այն Շամս» համալսարանի պատմութեան դասախօս տոքթ. Մուհամետ ՌիՖաաթ, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան՝ սքայփով՝ Լիբանանէն, եւ Թուրքիոյ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հակառակ աննպաստ օդին, Մեծն Ուաշինկթընի գաղութը հաւաքուեցաւ Սպիտակ տան մօտ եւ կատարեց խաղաղ ցոյց մը՝ նախագահ Օպամայէն պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Հաւաքը կազմակերպուած էր շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղին կողմէ, գործակցաբար շրջանի այլ կազմակերպութիւններու:
Անցեալ շաբաթավերջին սկսած այս ցոյցը, առիթ մը ընծայեց երիտասարդներուն, որ իրենց ցասումն ու յուսախաբութիւնը արտայայտեն նախագահ Օպամայի կրաւորական մօտեցումէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Պերլին, Քէօլն, Շթութկարթ, Միւնիխ, Համպուրկ, Ֆրանքֆուրթ եւ այլն, հայ համայնքը զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը:
Ոգեկոչման կեդրոնական յուշատօնը տեղի ունեցաւ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ. անիկա կազմակերպուած էր Գերմանիոյ հայոց թեմի եւ գերմանահայոց Կենդոնական խորհուրդի Ապրիլ 24ի յանձնախումբին կողմէ:
Յուշատօնը տեղի ունեցաւ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի «Փաուլսքիրշէ» հանդիսասրահին մէջ: Բացումը կատարեց Կեդրոնական [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին առիթով, Ուքրանիոյ բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցան խորհրդաժողովներ, կլոր սեղաններ, յիշատակի երեկոներ, երթեր, իսկ հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան հոգեհանգիստի պատարագներ:
Ուքրանիոյ «Փարտիա Փենսիոներով» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. առանց մոռացումի» խորագրեալ կլոր սեղանը, որուն կը մասնակցէին Ուքրանիոյ քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւններու, ազգային փոքրամասնութիւններու, լրատուամիջոցներու, գիտութեանց, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու ներկայացուցիչներ:
Ապրիլ 24ին Քիեւի [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագ մը, որուն ընթացքին, քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու հայութիւնը հաւաքուեցաւ, որպէսզի մասնակցի պահանջատիրական բողոքի երթին:
Պատարագէն ետք, Ախալցխայի հայութիւնը քաղաքի կեդրոնական փողոցներով ու պահանջատիրական բազմաթիւ պաստառներով քալեց դէպի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական դպրոց: Ապա Ախալցխայի հայ ժողովուրդը քաղաքի [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՕԹԹԱՈՒԱ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի աւանդական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած են Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդները, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ դպրոցականներ:
Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, ոգեկոչելով 1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակը՝ նշած է, որ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը ոճիր էր համայն մարդկութեան [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Վերջերս լոյս տեսած է ֆրանսացի բեմադրիչ Րաֆֆի Շարթի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Մոռացութեան Երեխաները» (Les Enfants de lOublie) գիրքը:
Գիրքի պատմութիւնը կը սկսի 1913ին՝ Պիթլիսի դէպքերով: Գիրքին մէջ ներկայացուած են Զուարթի ու անոր ամուսնոյն՝ Գէորգի, յարաբերութիւնները թուրք եւ հայ բարեկամներու հետ:
Ըստ Շարթի՝ գիրքը նուիրուած է հայկական բանակի քայլերգի հեղինակ Ճորճ Կարվարենցին: Անոր կարծիքով, հարկ է «կեդրոնանալ [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կէսօրէն ետք, Վարդանանց Ասպետներու աւանդական Ցեղասպանութեան յիշատակումը, տեղատարափ անձրեւներու բերումով, փոխան Նիւ Եորքի )Թայմզ( հրապարակին՝ նշուեցաւ Ս. Վարդան Մայր տաճարի համալիրի «Գաւուքճեան» հանդիսասրահին մէջ, աւելի քան 1500 հայորդիներու ներկայութեան: Խիտ շարքերով հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը այս տարի զգալի էր աւելի քան նախորդ տարիներուն:
Ներկայ էին, Մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրող չորս հայուհիներ՝ ծնած [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ աննախընթաց տարողութեամբ բողոքի ցոյց թրքական դեսպանատան առջեւ, որուն մասնակցեցան 25.000 հայորդիներ:
Անթիլիասի նահատակաց մատուռին առջեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութենէն եւ Արամ. Ա. կաթողիկոսին պատգամը լսելէ ետք տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ քայլարշաւով մեկնեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, որուն առջեւ վեր բարձրացուցին հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքներու վերականգնման պահանջը բողոքելով Անգարայի [...]
April 25th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՆԻՔՈՍԻԱ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կատարուեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ: Պատարագեց Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Մոմիկ քահանայ եւ քարոզեց Վարուժան արք. Հերկէլեան: Հինգշաբթի, 26 Ապրիլին, Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան խօսք պիտի առնէ Ներկայացուցիչներու Տան լիագումար նիստին, անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին:
April 25th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Երկուշաբթի, 22 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական երթ դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, Նէա Զմիռնիի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանին մօտ կայացած հոգեհանգստեան արարողութենէն անմիջապէս ետք:
Բողոքի պահանջատիրական երթը դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն ճամբայ ելաւ Սինտաղմայի հրապարակէն՝ առաջնորդութեամբ հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու, որոնք հսկայ ու երկար Եռագոյն [...]
April 25th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, հազարաւոր ֆրանսահայերու եւ ֆրանսացիներու հետ միասին, Փարիզի մէջ 1915ի զոհերու ոգեկոչման հանդիսութիւններուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցաւ այդ երկրի նախագահը՝ Նիքոլա Սարքոզին, որ իմաստալից ելոյթ մըն ալ ունեցաւ՝ նշելով, թէ «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը երբե՛ք պիտի չվերանայ, քանի որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի տառապանքն ու ցաւը»։
Փարիզահայերու հետ միասին յարգանքի լռութիւն [...]
April 25th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ
Կիրակի, 22 Ապրիլին իրագործուած երեք քաղաքական ձեռնարկներով յունահայութիւնը վերահաստատեց իր ազգային պահանջատիրութիւնը՝ յանուն հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան հաստատման:
Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ հայութեան պահանջատիրութեան ձայնը լսելի դարձաւ յունական եւ միջազգային պետական ու հանրային կարծիքին մօտ:
Առաւօտեան ժամը 11:30ին, Աթէնքի Ռազմական թանգարանի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Աթէնքի մարզպետարանին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին ու ՌԱԿ Հայ Իրաւանց [...]
April 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հեղինակաւոր «Ֆորպզ» (Forbes) ամսագիրը հրապարակած է Ռուսիոյ Դաշնութեան ամենահարուստ 200 գործարարներու վարկանշային աղիւսակը, ուր ընդգրկուած են ռուսիաբնակ հինգ հայ գործարարներ:
Ռուսիաբնակ ամենահարուստ հայը վարկանշային աղիւսակի 45րդ հորիզոնականին յայտնուած Տանիլ Խաչատուրովն է: Խաչատուրովի՝ «Ռոսկոսստրախ» ապահովագրական ընկերութեան սեփականատէր-գլխաւոր գործադիր տնօրէնին կարողութիւնը 2011ի համեմատ աճած է 500 միլիոնով՝ կազմելով 2 միլիառ ԱՄՆ տոլար:
«Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան 1.6 [...]
April 20th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրանի Հայոց թեմական խորհուրդին կողմէ կեանքի կոչուած Հայոց Մեծ Եղեռնի 97րդ տարելիցը նշող Կեդրոնական յանձնախումբի ծրագիրներու շրջագիծէն ներս, Երեքշաբթի, Ապրիլ 17ին, Թեհրանի հայկական դպրոցներու աշակերտները համախմբուեցան «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահը՝ ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը եւ իրենց պահանջատիրութեան ձայնը միացնելու համայն հայութեան պահանջատիրական ձայնին:
Անոնք բարձրակոչ կարգախօսերով խոստացան, որ պիտի չդադրին պայքարելէ, քանի [...]
April 19th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը, քիւրտ գրագէտ Թայհան Ժեհատի՝ խմբագրատուն այցելութեան մասին տեղեկատուութիւնը այսպէս կը սկսի. «Երէկ խմբագրատուն այցելութեան եկան մեր ազգայիններէն տերիքցի Անդրանիկ Եոնթան ու Տերիք բնակող քիւրտ գրագէտ Թայհան Ժեհատ։ Քիւրտ գրագէտ Թայհան Ժեհատ փափաքած էր ծանօթանալ մեր խմբագրապետին հետ ու անոր նուիրել այժմ թրքերէնով ալ հրատարակուած իր վերջին վէպը՝ «Գոհար»ը, որ շատ մօտէն [...]
April 19th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի կղերականաց դասը յայտարարութեամբ մը կը պարզէ Նիսի իրավիճակը, եւ անդրադառնալով վերջին զարգացումներուն՝ կը դատապարտէ որոշ երեւոյթներ:
Այսպէս, յայտարարութեան մէջ ըսուած է, թէ Ֆրանսայի թեմի կղերականները վրդոված եւ վիրաւորուած են ի տես հակակրօն այն արարքներուն, որոնք տեղի ունեցած են անցեալ սուրբ շաբթուան ընթացքին, Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
«Հայց. առաքելական եկեղեցին ներկայացնելու [...]
April 19th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայկ Յարութիւնեանի «Արեւմտահայաստան. կորուսեալ հայրենիք» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ, Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ի երեկոյեան, բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած շարժապատկերներու շաբթուան՝ կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման լիբանանահայ մարմինին:
«Արեւմտահայաստան. կորուսեալ հայրենիք»ը շուրջ երկու ժամուան ընթացքին լիբանանահայ ունկնդիրին ծանօթացուց բռնագրաւեալ Հայաստանի 12 գլխաւոր քաղաքները՝ իրենց պատմամշակութային հարստութիւններով եւ ազգային իւրայատկութիւններով: Արմինէ Յարութիւնեանի բեմագրութեամբ [...]
April 18th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ապրիլ 24ի կէսօրին, Լիբանանի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը կազմակերպած է քայլարշաւ-բողոքի ցոյց մը՝ նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին: Քայլարշաւը պիտի սկսի Անթիլիասի մայրավանքէն, ապա պիտի ուղղորդուի դէպի թրքական դեսպանատուն: Բողոքի ցոյցին պիտի մասնակցին աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ ՀՅԴ, Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:
April 18th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Կիրակի, 15 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7ին, Համազգայինի «Լ. Շան»չ մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն, ջութակահար Աշոտ Ճենտերէճեանի ու կիթառի ուսուցիչ-կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի միացեալ դասական համերգը՝ ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Համերգին Ճենտերէճեան եւ Միքայէլեան նուագեցին Փականինիի, Շէյտլըրի, [...]
April 18th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՍՊԱՀԱՆ.- Փերիա գաւառի Վերին Խոյգան գիւղին մօտ՝ բլուրի մը վրայ, կը գտնուի փոքրիկ սրբավայր մը, որ կը կոչուի «Լուսահանգիստ»: Այնտեղ ամփոփուած է մարմինը Գրիգոր անունով հաւատացեալ քրիստոնեային, որ Շահ Աբբասի ժամանակաշրջանին նահատակուած է՝ յանուն քրիստոնէական հաւատքին: Անոր դամբարանին վրայ լոյս ճառագած է եւ այդ պատճառով ալ անիկա վերածուած է ուխտատեղիի, որուն ուխտագնացութիւնը աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ [...]
April 18th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրեսի գրադարանին մէջ, Ապրիլ 18ին կայացաւ «Իմանալ հայ գրական աւանդոյթներու իմաստն ու մանրամասնութիւնները» խորագիրով ցուցահանդէս-ընդունելութիւնը: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայ գրատպութեան 500ամեակին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ Երեւանը 2012ին Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առթիւ, Հայաստանէն դուրս կայացող նախաձեռնութիւններուն կը մասնակցի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ: Յիշենք, որ Հայ տպագիր գիրքի [...]
April 18th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՄԸՍԹԸՐՏԱՄ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին Հոլանտայի «Աբովեան» մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն բացման խօսքով հանդէս եկած է Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան: Իր ելոյթին մէջ դեսպանը անդրադարձած է Եղեռնի հետեւանքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի կարեւորութեան՝ նշելով. «Թէեւ աշխարհասփիւռ հայութեան յամառ ջանքերը՝ ուղղուած Հայոց [...]
April 17th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Genocide1915.org-ը տեղեկատուական կայք է՝ նուիրուած 1915ի Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Ցեղասպանութեան, որուն հետեւանքով հալածանքներու ենթարկուած են հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ Անատոլիոյ եւ Պոնտոսի յոյները:
Հակառակ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տեղեկատուական բազմաթիւ այլ կայքերու առկայութեան՝ նոր genocide1915.org կայքը կոչուած է հանրութեան բացատրելու՝ Ցեղասպանութան էութիւնը, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը եւ ճանաչման գործընթացը. անիկա [...]
April 17th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուրի մէջ, Կիրակի օր, Ասիոյ պասքեթպոլի դաշնակցութեան գումարած ժողովին ընթացքին, Յակոբ Խաչերեան ընտրուեցաւ Ասիոյ պասքեթպոլի դաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար: Խաչերեան այսպիսով յաջորդեց մալեզիացի Տաթօ Էօ Չու Հոքին, որ առողջական պատճառներով ներկայացուց իր հրաժարականը:
Իր այս նոր պաշտօնը ստանձնելով՝ Խաչերեան ուղղակիօրէն մաս պիտի կազմէ ՖԻՊԱին՝ իրագործում մը, որ ցարդ որեւէ լիբանանցի չէր յաջողած [...]
April 17th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »