Home » ՍփիւռքYou are browsing entries filed in “Սփիւռք”
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, «Աթանեան» արուեստի կեդրոնի գործակցութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 10ին, երեկոյեան ժամը 7ին առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արմէն Աթանեանի «Հայերէն խաղեր եւ աւանդութիւններ» ցուցահանդէսը:
Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել առաջնորդարանի գրասենեակ՝ (818) 558-7474 եւ կամ «Աթանեան» արուեստի կեդրոն՝ (818) 551-0307 թիւերով:
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Լոս Անճելըս գաւառէն ներս գործող «Վարդանանց Ասպետներ»ու Լոս Անճելըսի, Փասատինայի եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղերուն տարեկան 47րդ ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ Փետրուար 12ին, մեծարուեցան շրջանէն 10 կրթական մշակներ:
Աւելի քան 275 անձի ներկայութեամբ, Պըրպենքի «Տիլաքս» ճաշարանին մէջ կայացած ճաշկերոյթին հանդիսավարն էր դոկտ. Ճան Ֆարսաքեան, իսկ կազմակերպութեան հարաւարեւմտեան շրջաններու ներկայացուցիչ Վիգէն Մուրատեան կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը, տեղեկութիւններ տուաւ [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Մայիս 20ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ նուիրուած հայ թատրոնի պատմութեան:
Օրուան դասախօսն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուի:
Ձեռնարկը կը հովանաւորուի տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Ֆիլոն Իզանեաններու [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Տարիներու աւանդութեանց հաւատարիմ մնալով՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀԲԸՄի մասնաճիւղերը հովանաւորեցին «Արարատ տան» ամսական ճաշկերոյթը՝ նպաստելով տարեցներու տան ի նպաստ դրամահաւաքի աշխատանքներուն:
Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ին կայացած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Արարատ տան» «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 հոգիի եւ հովանաւորութեամբ Էլիզապէթ Աղպապեանի ու Կրէյս Քիւրքճեանի, ի յիշատակ իրենց մօր՝ Ազնիւ Աբգարեանի, որ իր [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Ապրիլ 23-27, Սթոքհոլմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Շուէտի Հայկական ընկերակցութիւններու միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համատեղ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Սկանտինաւեան արձագանգը» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցահանդէսը:
Սոյն ցուցահանդէսը առաջին անգամ 2011ի Ապրիլին ներկայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, աշխարհահռչակ նորվեկիացի բեւեռախոյզ, մարդասէր Ֆ. Նանսենի ծննդեան 150ամեակին առիթով:
2011ին պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Շուէտի եւ Նորվեկիոյ արտաքին [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները, որոնք փայլուն յաջողութիւններ ունին «Մայնտ լեպ» մտային խաղերու մարզէն ներս, այս տարի ալ նոր նուաճում մը արձանագրեցին եւ Թուրքիոյ ախոյեան հռչակուեցան։ Չորս տարիէ ի վեր անոնք անընդմէջ յաղթական կը հռչակուին։
Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս «Մայնտ լեպ»ի դասերը բարձր հիմերու վրայ դրուած են ու աշակերտներ կանոնաւոր կերպով կը հետեւին այս դասին, իրենց մտային [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Արշիլ Կորքիի «Խորգոմ» գործը 9 Մայիսին աճուրդի պիտի դրուի հռչակաւոր «Սոտըպի՛զ»ի մէջ։ Անիկա մաս կը կազմէ Ֆորթսմըն ընտանիքի հաւաքածոյին, անոր նախնական գինը 3-4 միլիոն տոլար է: Աճուրդի տան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, նկարը ամերիկեան վերացական արտայայտչականութեան եւ եւրոպական գերիրապաշտականութեան հանդիպումը կը հանդիսանայ։ Մասնագէտներու համաձայն, 1930ականներուն գերիրապաշտութեան ներթափանցումը Ամերիկա, օգնեց մեծ նկարիչին ստեղծելու իր նկարչական [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2012ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահն ու շրջակայքը փոքրիկ Հայաստանի մը վերածուած էին: Ոտքի էր շրջանի ՀՕՄի ամբողջ ընտանիքը: Պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի հովանաւորներ, նուիրատուներ, համակիրներ եւ շրջանի ՀՕՄի 27 մասնաճիւղերը ներկայացնող բիւրաւոր անդամուհիներ փութացած էին պանդոկի սրահը՝ տօնախմբելու համար շրջանի ՀՕՄի՝ առանձին միաւոր դառնալու 28րդ տարեդարձը:
Ընկերային գեղեցիկ ժամէն ետք, ներկաները [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը կը հաղորդէ, թէ իր տարեկան 23րդ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ Մայիս 18-20ի միջեւ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Ժողովը առիթ պիտի ընծայէ հայ իրաւաբաններուն խորհրդակցելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի արդարադատական հարցերու շուրջ եւ հետեւելու շարք մը հետաքրքրական ներկայացումներու:
Շաբաթ, Մայիս 19ին պիտի կայանայ միութեան տարեկան ճաշկերոյթը, որուն, իբրեւ գլխաւոր բանախօս հրաւիրուած է Լոս Անճելըսի [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Արփա» հիմնարկի քսանամեակին առիթով, հիմնարկին վարչութիւնը որոշած է կազմակերպել յատուկ գիտաժողով մը, որուն պիտի յաջորդէ նոյն նպատակին նուիրուած ճաշկերոյթ: Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Մայիս 19ին:
«Հայաստանի եւ Սփիւռքի հիմնախնդիրներ» խորագիրով գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard Street, Glendale, CA), կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4: Գրադարանի հայկական բաժանմունքի [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՆԹԱ ՔԼԱՐԻԹԱ.- Ամերիկեան «Եու.Էս.Էյ. Թուտէյ» թերթին ու «Փայ Թեթա Քափա» ընկերակցութեան կողմէ կազմուած Միացեալ Նահանգներու համայնքային համալսարաններու լաւագոյն 20 ուսանողներու ցանկին մէջ ընտրուած է «Քոլեճ աֆ տը Քէնյընզ» համալսարանի ուսանողներէն Մարալ Սաքայեանը, որ 18 տարեկան հասակին նաեւ հանդիսացած է այս տարուան ընտրանիի ամենափոքր ուսանողը:
Թերթը իր Ապրիլ 23ի թիւին մէջ լոյս ընծայած էր 20 ուսանողներուն լուսանկարները [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտներէն Դալար Քենտէրեան, Սաւանա Մինասեան, Սեպասթիան Փոսթաճեան եւ իրենց մայրերը Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին մասնակցած են Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այն ձեռնարկներուն, որոնք տեղի ունեցան Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ, նահանգային ծերակոյտի եւ խորհրդարանի յարկին տակ:
Նահանգային խորհրդարանի շէնքին մէջ, աշակերտները հանդիպած են առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ այլ կղերականներու, որոնք նմանապէս մայրաքաղաք ժամանած [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայրենի ու աշխարհի տարածքին ցրուած սփիւռքներու հայութիւնը, ներկայիս կը գտնուի իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ճակատագրական պահի սեմին: Ազգային այլ լծակներու կողքին, հայ մամուլին դերը ակներեւ է հայուն առօրեային մէջ: Որովհետեւ, մեզի համար հայ թերթերը կամ հայ լրագիրները՝ իրենց բազմազան «գոյներով», պարզ ու լուսաւոր պատուհաններ չեն բացած միայն աշխարհին, այլ մեր գոյութիւնը իմաստաւորող եւ մեր [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըս հաստատուած լիբանանեան «Բարեկարգում եւ Փոփոխութիւն» հոսանքին հրաւէրով, վերջերս Լոս Անճելըս կը գտնուէր Լիբանանի ուժանիւթի նախարար Ժպրան Պասիլ, որուն ի պատիւ հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 29ին, Լոս Անճելըսի «Մարիո»չ պանդոկի սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ նշեալ հոսանքի նախագահ Մարք Նաժարի եւ այլ անդամներու կողքին, ներկայ էին նաեւ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Նաժի Իպրահիմ, երկրորդ հիւպատոս [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԺԱԳԼԻՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Որպէսզի վերնագիրը չշշմեցնէ ընթերցողը, գրութեանս վերջաբանը պիտի ըլլայ յառաջաբան, որ հետեւեալն է.
Վերջերս ականատես եւ ականջալուր եղայ պատկերասփիւռէն սփռուած՝ Քիմ Քարտաշեանին հետ հարցազրոյցի մը, որուն ընթացքին Քարտաշեան ի միջի այլոց ըսաւ, թէ իրենք հայ են, եւ թէ իր հայրը միշտ կը պատուիրէր ու կ՛ըսէր. «Դուք ալ ուրիշներուն պէս ձեր մականունին «եան»ը մի փրցնէք»:
Պահ մը ապշեցայ, [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախորդ տարիների նման, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ «Շամլեան» Ազգային վարժարանի ապրիլեան քայլարշաւը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակների յիշատակին:
Շաբաթ, Ապրիլի 21ի առաւօտեան ժամը 8ին, աւելի քան 250 աշակերտներ, իրենց ուսուցիչների ու ծնողների հետ համախմբուել էին վարժարանում՝ մինչեւ Գլենդէլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի շարունակուող շուրջ 11 մղոն տարածութեամբ իրենց յարգանքի ու պահանջատիրութեան քայլարշաւը կատարելու համար: Նրանք նախ [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի մէջ արդէն իսկ բացուած է միջերկրականեան ճաշատեսակներու յատուկ պատրաստ ճաշերու խանութ մը, որուն ետին կանգնած է ծանօթ խոհարար Ռուբինա Բեկումեանը՝ «Ռապըրթս քէյթըրինկ»ի երկար տարիներու վարպետ խոհարարը:
«Blend by Roubina» խանութը առիթը պիտի ընծայէ այլազան թարմ եւ համեղ ճաշեր ըմբոխշնելու: «Blend by Roubina»ին հասցէն է՝ 1200 North Pacific Avenue, իսկ համացանցային կայքին հասցէն՝ www.blendbyroubina.com:
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Ապրիլ 24ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Եղեռնի հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ապա՝ յուշատօն, կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ շրջանիս Ս. Երրորդութիւն, Ս. Պօղոս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական, Հայ պանդխտաց աւետարանական եւ Առաջին երիցական եկեղեցիներուն:
Զանգակներու ղօղանջներով եւ դպրաց դասի շարականներու երգեցողութեամբ, եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները՝ տէր Վահան Կոստանեան, տէր Արշէն [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին, Երկուշաբթի, 30 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Հայկազեան» համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մօտէն ճանչնանք Տինքը» խորագիրով յուշահանդէսը:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Հուրի Քեստենեան, որ նշեց, թէ Հրանդ Տինք եղաւ այն առաջնորդը, որ թուրք հասարակութեան կարծիքը լուսաբանեց ժողովրդավարութեան եւ Հայկական հարցի գաղափարներով: Ան հաստատեց, որ «Ակօս» թերթը կը շարունակէ Հրանդ Տինքի ուղին:
Ապա [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, «Սիփան» միութեան Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, մեծ թիւով աշխատաւոր հիւրերու, խորհրդարանի գործող եւ նորընտիր պատգամաւորներ՝ Գէորգ Վարդանեանի, դոկտ. Կարէն Խանլարեանի ու «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանի ներկայութեամբ, նշուեցաւ Աշխատաւորութեան համաշխարհային օրը:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սասուն քաղաքամասը գտնուող «Նայիրի» սրահին մէջ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արմէն Բէգլարեան, որ նաեւ օրուան հաղորդավարն էր: [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, փոխծովակալ Սերգէյ Աւագեանցը նշանակած է Ռուսիոյ ռազմածովային ուժերու խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի հրամանատար՝ ազատելով զայն նաւատորմի հրամանատարի առաջին տեղակալ-սպայակոյտի պետի պաշտօնէն: Այս մասին կը նշուի Քրեմլինի պաշտօնական կայքէջին վրայ:
Ըստ gazeta.ru-ի՝ Գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիան աւարտելէ ետք, 2007 Մայիս-Սեպտեմբերին Աւագեանց նշանակուած է Սեւծովեան նաւատորմի Նովոռոսիյսքի ռազմածովային կայանի սպայակոյտի պետ, սակայն ան հրաժարած [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՔՈՒԷՅԹ.- Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Հայ Դատի յանձնախումբին, հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ապրիլ 29ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Դատը այսօր» թեմայով կլոր սեղան:
Նախաձեռնութեան ներկայ էին Քուէյթի մօտ ՀՀ լիազօր դեսպան Ֆատէ Չարչօղլեան, Քուէյթի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ քուէյթահայեր:
Կլոր սեղանի զրուցավարն էր Քուէյթի [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
WBA-ի, WIBF-ի եւ WBO-ի կռփամարտի աղջկանց աշխարհի ախոյեան Սիւզի Քենթիքեան, իր յառաջիկայ ճակատումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 16 Մայիսին՝ Ֆրանքֆուրթի մէջ (Գերմանիա):
Նախորդ շաբաթավերջին յստակացաւ անոր մրցակիցը, որ ամերիկացի Մելիսա ՄըքՄըրօն է:
Ըստ մասնագէտներու, ախոյեանութեան տիտղոսը պաշտպանելու համար, Քենթիքեան ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ, մանաւանդ որ կը նկատուի այդ ճակատումին յաղթանակը կերտողը: Ան իր կատարած բոլոր 29 մրցումներուն [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- «Մենք ենք մեր սարերը» ընդհանուր խորագիրը կրող Համազգայինի պարախումբերու տարեկան ելոյթը, Յունաստանի Համազգայինի երեք պարախումբերուն՝ «Նայիրի»ի, «Նանօր»ի եւ «Մարալօ»ի համար, երկար տարիներու աւանդ մը կը համարուի:
Անցեալի իրենց պարուսոյց Յովհաննէս Խաչիկեանի ջանքերով, ապա նոյնինքն երիտասարդ պարողներու ղեկավարութեամբ կազմակերպուած այս աշխատանքը, սրահները կը լեցնէ հայկական շունչով եւ ոգիով, հայկական երիտասարդ տաղանդներով, երաժշտութեամբ ու պարով:
Այս տարի ներկայացուած [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներով Մեսրոպեան ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ համահայկական պահանջատիրական ոգեկոչումին: Վարժարանի Հայկական բաժանմունքի առաջնորդութեամբ, ձեռնարկներուն մասնակից դարձան բոլոր աշակերտները՝ նախամանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ կարգ:
Ապրիլ ամսուան սկիզբէն աշակերտները նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ էին արդէն: 8րդ եւ 11րդ դասարաններու աշակերտները հեւքի մէջ էին՝ ամբողջացնելու համար ի-րենց գծագրութիւնները՝ նուիրուած հայ ազգին շարունակականութեան եւ վերապրելու [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- «Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ 100,000 տոլարի առատաձեռն նուէր մը ստացած է UCLA-ի յարկին տակ գործող «Երազ Հիմնդրամ»էն (Dream Fund), որ 2011ին հաստատուած էր՝ շնորհիւ «Լինսի» հիմնարկութեան իշխանական նուիրատուութեան: Հիմնադրամը օժանդակութիւնները կը տրամադրէ մասնաւորաբար ուսումնական, առողջապահական, երիտասարդական եւ հասարակական նպատակներու համար։
«Սահակ-Մեսրոպ» վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, անձնակազմը, աշակերտութիւնն ու ծնողները իրենց խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մկրտչեան արուեստի ցուցադրասրահ»ի նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Մայիս 11ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից արուեստի գործերու խմբային ցուցահանդէս մը, որ բաց պիտի մնայ երկու շաբաթով:
Ցուցահանդէսին կը մասնակիցն հետեւեալ արուեստագէտները՝ Լեւոն Աղամանուկեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Կուաշ, Զարեհ Մկրտիչեան, Արմէն Դինոյեան, Ոսքան Գալստեան, Մկրտիչ Սարգիսեան (Մչօ), Լարիսա Փիլինսքի, Նարինէ Իսաճանեան, Էլլա, Արմինէ Թէյմուրեան, Վիգէն «Վիգօ» Յովսէփեան:
Ցուցադրասրահի հասցէն [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Սան Ֆրանսիսքօ շրջանի ՀՕՄի երեք մասնաճիւղերը կը կազմակերպեն «Նորաձեւութիւն՝ բոլոր տարիքներու համար» խորագիրով նորաձեւութեան միացեալ ձեռնարկ մը՝ դրամահաւաք կատարելու նպատակով Հայաստանի, Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ՀՕՄի շարք մը մարդասիրական ձեռնարկներուն համաaր:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 20ին, «Կրին Հիլզ» սրահին մէջ, կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ վիճակահանութիւն եւ լուռ աճուրդ:
Մուտքի սակը [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, մօտ տասը միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունեցող Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային ընկերային ծառայութեանց բաժանմունքի (DPSS) Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած տպաւորիչ ձեռնարկ մը։
Կլենտէյլի մէջ գործող այս կեդրոնը ունի շուրջ 550 պաշտօնեաներ, որոնց մեծ մասը հայ է։
Այդ օրը մեր հայրենակիցները, գլխաւորութեամբ՝ Ռիմա Յակոբեանսի եւ [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկին կազմակերպած տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 15ին, տէր եւ տիկին Ճերըլտ Թրբանճեանները խոստացած են 3 միլիոն տոլար նուիրել հիմնարկին:
Մօտաւորապէս հազար համակիրներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, Հայագիտական հիմնարկի հիմնադրամին գումարը հասաւ 7 միլիոն տոլարի:
Յայտնենք, թէ այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 9ին, Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ պատրաստուած էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութեան կողմէ, որ Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած կազմակերպութիւններէն մէկն է:
Բանաձեւէն օրինակներ ղրկուած են Սպիտակ տուն, Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի, [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ապրիլ 22ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մատուցեց օրուան Ս. պատարագը եւ քարոզեց: Հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500ամեակին առթիւ, սրբազանը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ առաքուած «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանով պարգեւատրեց կրթական մշակներ դոկտ. Մինաս Գոճայեանը եւ Լորա Գույումճեանը, ու իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Ապա, սրբազանը [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Միջավայրը կը ներգործէ անհատի լեզուի ու լեզուամտածողութեան վրայ եւ աստիճանաբար կ՛աղաւաղէ անոր մայրենի լեզուն: Նոր ծրագիրով պէտք է փորձենք, ըստ հնարաւորին՝ յղկել ու բիւրեղացնել մեր մայրենի լեզուն: Ծրագիրի բնոյթի մասին աւելի յստակ գաղափար տալու նպատակով՝ կու տանք օրինակ մը.
Առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը լսենք հայ երիտասարդ սերունդէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը մեծերէ, որ անգլերէնի ազդեցութեան [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան այցելեց հայրենի հանրածանօթ մտաւորական Գարեգին Չուքասզեան: Տնօրէն Կրէյս Անտոնեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, բացատրեց ա-շակերտներուն, թէ Չուքասզեան արդիական միջոցներու օգտագործումով՝ կը փորձէ հայ մշակոյթի կարեւոր տուեալները մէկտեղել ու պահպանել:
Չուքասզեան աշակերտներուն ներկայացուց իր պատրաստած DVD/CD-ները՝ Կոմիտաս վարդապետին նուիրուած, իսկ աշակերտները ունկնդրեցին Կոմիտասի կարգ մը ստեղծագործութիւնները՝ համակարգչային գրատախտակի վրայ [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մայիս 31ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Ռոզմերի Յարութիւնեան-Քոհընի «The Mother of Jerusalem is Crying» հատորին ներկայացումը:
Հատորը անգլերէնով պիտի ներակայացնէ լրագրող Արի Նունըն, ապա տեղի պիտի ունենայ կարծիքներու փոխանակում՝ մասնակցութեամբ հեղինակին, որ նաեւ պիտի մակագրէ հատորէն օրինակներ:
Գործը պատմական վէպ մըն է, որուն իրադարձութիւնները [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ինչպէս հաղորդած էինք, Արեւմտեան թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովը, իր 40րդ նստաշրջանին, հինգերորդ քառամեակի մը համար առաջնորդ վերընտրած էր Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու կատարած՝ Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան նոր կազմերուն ընտրութիւնը:
Ընտրութեանց արդիւնքը օրին փոխանցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ Ապրիլ 23 թուակիր նամակներով, վաւերացուց առաջնորդ սրբազանին վերընտրութիւնն ու Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան նոր կազմերուն ընտրութիւնը՝ [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մանկական գիրքերու հեղինակ Փիթըր Լերանկիս Շաբաթ, Ապրիլ 18ին «Շամլեան» վարժարան այցելեց՝ հետաքրքրական, դաստիարակչական եւ ծիծաղաշարժ հանդիպում մը ունենալով վարժարանի 3էն 5րդ դասարանի աշակերտներուն հետ ու անոնց հետ բաժնելով իր պատմութիւններէն հատուածներ: Ան նաեւ պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն եւ մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ:
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«System of a Down» խումբի ղեկավար, յայտնի երգիչ Սերժ Թանգեան հրապարակած է Յուլիսին ակնկալուող իր յաջորդ ալպոմի երգերէն մէկուն՝ «Figure It Out»ի, տեսաերիզը:
«Հարաքիրի» ալպոմին մասին արտայայտուելով՝ Թանգեան ըսած է. «Այդ ալպոմը տարբեր է իբրեւ մենակատար իմ նախապէս արտադրած գործերէս: Անոր մէջ աւելի շատ շարժում կայ, ինչպէս նաեւ՝ 80ականներու երաշժտութենէն տարրեր»:
Յիշեցնենք, որ Թանգեան, «System of a [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 1 Մայիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Էմիրութիւններ: Վեհափառ հայրապետը Արաբական Էմիրութիւններ պիտի մնայ մէկ շաբաթ եւ պիտի նախագահէ Շարժայի, Տուպայի ու Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք եկեղեցական ու համայնքային ձեռնարկներու: Վեհափառին Արաբական Էմիրութիւններ այցելութեան հիմնական նպատակը Ապու Տապիի մէջ նոր եկեղեցւոյ մը հիմնարկէքն է:
Ապա հայրապետը պիտի մեկնի Իրանի Իսլամական [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 30 Ապրիլի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի մեծ սրահին մէջ մեծարուեցաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան: Համազգայինի նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութեան կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին բացումը կատարեց բանաստեղծ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանը, որ հայերէնով եւ ապա արաբերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքերով վեր առաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի ստեղծագործական արժանիքները:
Ապա հիւր բանախօս, ծանօթ արուեստաբան-քննադատ Ֆայսալ Սուլթան [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, Պրահայի (Փրակ) Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի երկարամեայ նախկին աշխատակից, վերջին տարիներին ԱՄՆի Գլենդէյլ քաղաքում բնակուող Արմէն Դիլանեանի հոգեհանգստի արարողութիւնը, որը կազմակերպել էր Պրահայի հայկական համայնքը՝ ի յիշատակ նրա անժամանակ կորստի:
Արարողութեանը ներկայ էին «Ազատութիւն» ռադիօկայանի տարբեր ծառայութիւնների աշխատակիցները, համայնքի ներկայացուցիչներն ու լրագրողի մտերիմ ընկերները: Յիշատակի խօսք ա-սաց «Ազատութիւն» ռա-տիօկայանի [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, շարունակելով իր տարեկան ձեռնարկներուն ընթացքին շրջանի քաղաքական, գործարար, համայնքային ու երիտասարդ գործիչներ մեծարելու սովորոյթը՝ որոշած է իր այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին պատուել Պըրպենք քաղաքի քարտուղար Մարկարիթա Քամփոսը, գոծարար Սարգիս Նիկողոսեանը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Զարեհ Սինանեանը եւ ՀԵԴի ղեկավարներէն Դալար Գոսագեանը:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԳԼԵՆԴԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլի 22ի երեկոն: Կալիֆորնիայի հայ գրողների միութեան (ԿՀԳՄ) անդամները ու գրասէր բարեկամները հաւաքուել են Գլենդէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցու բակի արեւմտեան պարտէզում գտնուող բիւրաւոր նահատակների «Ղօղանջ Ոգեկոչման» խաչքարի առջեւ: Խաչքարի պատուանդանի վրայ ծխում է խունկը: Գրողները մէկ-մէկ մօտենում են խաչքարին, մատուցում են մի ծաղիկ, ապա հնչեցնում են Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ գրողների [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀՄԸՄի Գլենդէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի մշակութային բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլի 15ին, «Արարատ»ի յարկի տակ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որին ներկայ էին գտնուել շուրջ 100 հոգի:
Ձեռնարկը սկսուեց մէկ րոպէ յոտընկայս լռութեամբ, ի յարգանք Եղեռնի նահատակների յիշատակին: Յանձնախմբի անդամուհի Լիլիթ Բաղդասարեանը հանդիսավարեց ծրագիրը, որը յագեցած էր գեղարուեստական կտորներով: Նա նաեւ ծրագրի ընթացքին ընթերցեց բանաստեղծական եւ օրուայ նիւթին [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, դասախօսական երեկոյ մը կայացաւ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ, ուր հրաւիրուած էր գիտնական, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց բաժինի տնօրէն փրոֆ. Վահագն Տատրեան՝ դասախօսելու համար ««Իթթիհատ եւ Թերաքքի» կուսակցութեան դերը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ» նիւթով:
Բացման խօսքը կատարեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Գիտենք, որ որեւէ կառավարութեան մը վրայ ազդելու եւ պահանջներ ներկայացնելու համար, քաղաքական ուժ պէտք է ունենալ, այլ խօսքով՝ հազարաւոր քուէներ ըլլալու են:
Լոս Անճելըսի եւ որոշ չափով Քալիֆորնիոյ մէջ, հայերը բաւական քաղաքական ուժ են, որովհետեւ հազարաւոր քուէարկողներ ունինք: Բայց անդին, կան այլ հազարաւոր հայեր, որոնք քուէարկելու չեն արձանագրուիր, կամ չեն քուէարկեր: Եթէ անոնց վրայ աւելցնենք նաեւ [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Մոնթրոզ Փեչ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Երկուշաբթի, Ապրիլ 23ին ներկայ եղած է եւ խօսք մը արտասնած Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտութեան կազմակերպած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին, որուն ընթացքին Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Շերըլ Տէյվիս շրջանի հայութեան յանձնեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիր մը, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ Ապրիլ 24, 2012ը Հայկական [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Վերջերս գաղութէս ներս տեսանելի երեւոյթ դարձած է շրջանիս արժանաւոր, վաստակաշատ ազգային դէմքերու յատուկ պարգեւատրումներ կատարել՝ դրամահաւաքի պիտակին տակ: Այլ խօսքով՝ դրամահաւաք, որուն ընթացքին նաեւ պարգեւատրում: Ինչպէս կ՛ուզէք հաշուեցէ՛ք:
Տեղին է ըսել, որ կեանքի մէջ երախտագիտութիւնը մարդ անհատը բնորոշող ազնիւ եւ գեղեցիկ տարրերէն մէկն է: Աւելին՝ մեր ազգային կեանքին մէջ խոնջենք ունեցող եւ մեծ նուիրումով գործող հայորդիներու [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մալթայի դեսպան Շարլ Հանրի Տարակոն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած շարք մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը դեսպանին պարզեց իր պատկերացումը՝ Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնեայ-Իսլամ գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ձգտող: Այս առիթով վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան, [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Հայոց Ցեղասպանութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 27 Ապրիլի երեկոյեան եւ կազմակերպութեամբ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական միութիւններուն, տեղի ունեցաւ ջահերով երթ եւ բողոքի քայլարշաւ «Արդարութեան Համար» կարգախօսով:
Մոթեվիտէոյի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի շէնքի մօտէն սկսած հարիւրաւոր երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ գաղութէն մեծ թիւով հայրենակիցներ ուղղուեցան քաղաքի գլխաւոր պողոտայ, հսկայ պաստարներով, եռագոյն դրօշներով եւ ջահերով: Պողոտայի մէկ բաժինը [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին ա-ռիթով, «Յուսաբեր» Երիտասարդաց միութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Տը Լարք Ֆարմ» ժապաւէնը:
Շուրջ 100 մասնակիցներու կողքին ներկայ էին Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, «Յուսաբեր»ի ներկայացուցիչ Պետրոս Մխտիկեան եւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ բժշկ. Սուրէն Պայրամեան:
Ակումբի մուտքի աստիճաններուն [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց «Դէպի Ջաւախք» իր նոր ծրագիրը:
2011ին կայացած ՀԵԴի Պատգամաւորական ժողովին որոշում առնուած էր ՀԵԴի ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Պատմական Հայաստանի կամ Սփիւռքի քաղաքի մը վրայ: Այս որոշումի նպատակն էր ՀԵԴի անդամները դաստիարակել եւ զանոնք տեղեակ պահել տուեալ քաղաքի պայմաններուն մասին, օժանդակութեան ձեռք երկարել այնտեղ ապրող հայերուն ու տեղւոյն երիտասարդներուն [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Գրիգոր Զօհրապ գողգոթայի ճանապարհին» թատերգութիւնը Կիրակի, 29 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ մարմին ու հոգի առաւ՝ հեղինակ, բեմադրիչ եւ կատարող Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի կողմէ, ու անոր յատուկ եւ բազմատաղանդ կարողականութեան ընդմէջէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած տպաւորիչ ու մեր պատմութեան ամէնէն [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի սաները նշեցին Հոլիվուդի կենտրոնական փողոցներում քայլարշաւով: Ապրիլի 23ին վարժարանի 5-12րդ դասարանի աշակերտները Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման եւ ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին ցուցապաստառներով եւս մէկ անգամ տեղեկացրին եւ յիշեցրին 1915 թուականին հայերի դէմ իրականացուած ջարդերի մասին: Քայլարշաւի մասնակիցներին բազմիցս մօտեցել են անծանօթներ՝ պարզելու համար արշաւի նպատակը. ըստ վարժարանի [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, գործակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Երեւանի պետական թանգարան-հիմնարկին եւ աջակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան Շաբաթ, 28 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Քափուսեններու եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը արտասահմանեան մամուլի առաջին էջերուն» նիւթով ցուցահանդէսի բացումը:
Ներկայ էին լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Եկեղեցւոյ չորս դին ցուցադրուած [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ իրանահայ պատգամաւոր Ռոբերտ Բեգլարեան դատապարտած է Ֆլորիտայէն կղերական Թերի Ճոնզի կողմէ՝ Քուրանը կրկին այրելու փաստը եւ նշած, որ ինք կը ձգտի հանդարտեցնելու կրօններու միջեւ տարաձայնութիւնը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, հոգեւորականը Ապրիլ 28ին այրած է Քուրանի քանի մը նմոյշներ:
Բեգլարեան խստօրէն դատապարտած է այս քայլը եւ ընդգծած, որ նմանատաիպ արարքներ անընդունելի են: Խորհրդարանականը [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԱՒՐԻԶ.- Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրթական նախարարութեան կողմէ կայացած մրցոյթի ընթացքին, Թաւրիզի Հայոց դպրոցի տեսչուհի՝ տիկին Արմինէ Յովսէփեան-Վահրամեանին շնորհուեցաւ Առաջին մրցանակը:
Արդարեւ, պետական յիշեալ կառոյցը, երկրի ամբողջ տարածքին Դպրոցներու տեսուչներուն կողմէ վարչական-կազմակերպական եւ կրթական ծրագիրներու իրականացման մասին կատարած գրաւոր աշխատասիրութիւնը գնահատելով՝ Առաջին մրցանակը պաշտօնապէս յանձնեց Հայոց դպրոցի տեսչուհիին:
Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, այս [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանի աթլեթ դաշնակցու-թեան Շաբաթ, 28 Ապրիլին, Լիբանանի համալսարանի դաշտին վրայ (Հատեթ) տեղի ունեցան լիբանանեան համալսարաններու աթլեթիառաջին հանգրուանի մրցումները, որոնց մասնակցելու իրաւունք ունին նաեւ ակումբներ:
Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումներուն առաջին հանդիսացաւ Կրեթթա Թասլաքեան, որ արձանագրեց 12.30 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Այնպէս կը թուի, որ Թասլաքեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լոնտոնի 2012ի ողիմպիական խաղերուն՝ իբրեւ Լիբանանէն հիւր [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի Է. կարգի աշակերտ Սեւանա Մանուկեան մասնակցած է Լոս Անճելըս գաւառի Գիտութեան ցուցահանդէս-մրցոյթին, որ տեղի ունեցած է Փասատինայի Համագումարներու կեդրոնին (Convention Center) մէջ, այս տարուան Մարտ 29-31ի միջեւ։ Սեւանան ներկայացուցած է երկրաշարժներու վերաբերեալ գիտական աշխատանք մը, որուն համար ալ հազար մասնակցողներու մէջէն արժանացած է Marilyn Jorgenson-Reece մրցանակին։
Քալիֆորնիոյ կառավարութեան անդամ Արհեստավարժ [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը մօտիկ ապագային կրնայ քննարկել հայերէն լեզուն քաղաքի քուէաթերթիկներու ցանկին մէջ ընդգրկելու հարցը:
Հարաւային Քալիֆորնիոյ հանրային ձայնասփիւռի կայանին համաձայն՝ Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ արձանագրուած են մօտաւորապէս 30 հազար հայ ընտրողներ:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան այս նպատակով առաջարկ ներկայացուցած է՝ յուսալով, որ հայերէնը կ՛ընդգրկուի քուէաթերթիկներուն մէջ՝ 2013ի ընտրութիւններէն սկսեալ:
Կլենտէյլի մէջ, ուր մեծ [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Մայիս 3ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի 26րդ յարկին վրայ գտնուող «Թամ Պրետլի» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արիս Ճանիկեանի նորագոյն հատորին՝ «This Angelic Land»ին («Այս հրեշտակային Հողը») շնորհահանդէսը:
Ճանիկեանի այս գործը կ՛առնչուի 1992ի Լոս Անճելըսի խռովութեանց, որոնց քսանամեակին առիթով շարք մը ձեռնարկներ տեղի [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՌԻԹԱ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Մարտ 27ին, առաւօտեան ժամը 10ին, ծնողներ եւ դպրոցի համակիրներ ներկայ էին, երբ Ծաղկազարդի երգերով, Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանի մանկամսուրի գողտրիկ աշակերտները ձիթենիի ճիւղերով մուտք գործեցին դպրոցի հանդիսասրահէն ներս։
Յայտագիրին բաժին բերին Բողբոջի եւ Կոկոնի մանուկները, որոնք երգեցին եւ արտասանեցին Զատկուան եւ գարնանային յատուկ երգեր եւ արտասանութիւններ։ Ապա Կոկոնի 4-5 տարեկան աշակերտները ներկայացուցին Յարութիւնը պատկերացնող երաժշտախառն [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի, ինչպէս նաեւ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանին ու Համազգայինի Փասատինայի մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 8:30 տեղի ունեցաւ համալսարաններ դիմելու եւ կրթանպաստներ ստանալու գործընթացի ու պայմաններու ծանօթացման խորհրդատուական օգտաշատ հաւաք մը:
Փասատինայի երկրորդական վարժարանի ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցած սոյն ձեռնարկին ներկայ եղան աւելի քան 50 ուսանողներ եւ ծնողներ՝ մօտէն [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, իր ձայնն ու գործը միացուց համայն աշխարհի հայութեան, յայտարարելու համար, որ չէ մոռցած Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր 1.5 միլիոն նահատակները, Թուրքիոյ պետութեան կողմէ անհատոյց մնացող դարաւոր ոճիրն ու անոր բազում հետեւանքները, եւ որ վճռած է իր պայքարը շարունակել, մինչեւ արդարութեան հաստատումը, մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու մեր բոլոր պահանջներուն [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 23 Ապրիլին ընդունած է Արժանթինի «Արմէնիա» թերթի խմբագիր Գէորգ Գազանճեանը, «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի խմբագիր Տիանա Տէր Կարապետեանը, «Ինթէկրասիոն Արմէնիա» ռատիօժամի տնօրէն Օսքար Լօլօմճեանը եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան քարտուղար Էտկարտօ Գէորգեանը:
Նախարար Յակոբեան յատուկ կերպով անդրադարձած է հայապահպանութեան իմաստով սփիւռքի լրատուամիջոցներուն ունեցած դերակատարութեան կարեւորութեան՝ [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը կազմակերպէ Յարութ Սասունեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հեղինակած գիրքին արաբերէն վերահրատարակութեան շնորհահանդէսը, Հինգշաբթի, 3 Մայիսին, դեսպանատան մէջ:
«Հրաւիրուել են տեղական մամլոյ ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ եւ հասարակական գործիչներ», կը յայտնէ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեանի օգնական Սմբատ Խաչատրեանը:
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ-խմբագիր Յարութ Սասունեանի գիրքը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է Պէյրութի մէջ 2006ին, կը [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է համաձայնագիր մը, որով Մխիթար Գոշի մետալով պարգեւատրած է Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեանը։ Հրամանագիրով կը հաստատուի, որ Գրիգորեան այս մետալին կ՛արժանանայ հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին եւ երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան համար։
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Թուրքիան կրնայ հերքել իր կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն կան մարդիկ, որոնք վերապրած են Ցեղասպանութիւնը: Մենք կը ճանչնանք զանոնք, մենք գիտենք, թէ դուք ի՛նչ ըրած էք», այսպէս կը սկսի իր պատմուածքը «Հաֆինկթըն Փոս»չի լրագրող Քորթնի Քաշա, որուն մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներէն մէկը եղած է:
Քորթնի Քաշայի խօսքերով, իր մեծ հայրը՝ Մարսէլ Քաշա (Միսաք Քաջատուրեան), փրկուած [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հանգստացէ՛ք
Առաջինը, որ ուզում եմ ասել՝ ընտրութիւնները աւարտուելու են: Աշխարհի վերջը չի: Կեանքը շարունակուելու է, եւ մենք ապրելու ենք կողք կողքի, նայելու ենք իրար երեսի, յիշելու ենք՝ ով ինչպէս է պահել իրեն այս օրերին:
Մենք բոլորս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ ենք, բացարձակ մեծ մասիս նպատակը նոյնն է. տեսնել մեր երկիրը զարգացող, կայուն, բարեկեցիկ, անվտանգ:
Եւ գուցէ ամենակարեւորը՝ մեր երկրում [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Ֆերահեան»ի առաքելութեան մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունի մեր ազգային տօներուն ու յատկանշական թուականներուն նշումը: Այդ թուականներէն կարեւորագոյնն է Եղեռնի ոգեկոչումը:
Արդարեւ, Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, կէսօրէն առաջ ժամը 11:15ին, վաժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը «Աւետիսեան» սրահին մէջ յիշատակեց 1915 թուականի Մեծ Աղէտը, որուն հետեւանքով ծնաւ Սփիւռքը:
11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Նոր Կիրակի օրը, Ապրիլ 15ին, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ համար խանդավառ ու ոգեւորիչ օր մըն էր։ Շրջանի հայ համայնքը կը վայելէր ներկայութիւնը առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, որ եկած էր իր ներկայութեամբ ո՛չ միայն անգամ մը եւս պատուելու այս նորահաստատ համայնքը, այլ նաեւ Ս. պատարագ մատուցանելու եւ յընթացս Ս. պատարագի՝ սարկաւագական [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Մեր օրերու հրատապ հարցերու անդրադարձը Հիւսիսային Հովիտին մէջ, նախաձեռնութեամբ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան Հանրային կապի յանձնախումբին, կը կեդրոնանար զանգուածային արտագաղթի իրականութեան վրայ։ Մարտ 30ի երեկոյեան ժամը 8ին, Հովիտի Հայ կեդրոնի «Թիթիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հրապարակային զրոյցի նիւթն էր՝ «Հայաստանէն Արտագաղթը եւ Կանխարգիլման Կարելիութիւնները»։
Որոշեալ ժամուն երեկոյի հանդիսավարը՝ Մարզպետ Մարկոսեան, ներկայացուց օրուան ելոյթ ունեցողները՝ գրող, հրապարակագիր Ստեփան [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 40րդ նստաշրջանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց աւանդական համագումարը՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։
Առաւօտուն տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն։ Օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը կատարեց առաջնորդը. իբրեւ առաջնորդող մտածում վեր առնելով Պետոս առաքեալի Ա. Թուղթի Գ. գլուխի 8էն 12րդ համարները՝ ան [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Թայմ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ յատկապէս Իրաքի ու Աֆղանիստանի պատերազմներուն պատճառով լուսարձակի տակ առնուած հոգեբանական PTSD հիւանդութեան վտանգը աճեցնելու հաւանականութիւնը ունեցող ծիներ բացայայտուած են Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի խումբ մը հոգեբոյժներու կողմէ՝ գլխաւորութեամբ դոկտ. Արմէն Կէօնճեանի:
Պատերազմի կամ բնական աղէտներու ճնշումներու հետեւանք հանդիսացող սոյն հիւանդութիւնը ուսումնասիրելու համար, դոկտ. Կէօնճեան հետեւած է 1988ի Հայաստանի երկրաշարժէն վերապրած [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԻՆԵԹՔԱ, Քալիֆորնիա.- Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան ընկերային ձեռնարկներու յանձնախումբին, Ուրբաթ, Մայիս 4ին, կ.ա. ժամը 11:30ին, Մայրերու օրուան ճաշկերոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306):
Ձեռնարկը պիտի խանդավառեն կիթառահար Ռուզպէն եւ ֆլամենքոյի պարողներ:
Մուտքի սակը 40 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 730-3226 ու (818) 231-0535 [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Ուրբաթ, Մարտ 16ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, դասախօսական երեկոյ մը կայացաւ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ, 120 հոգիներու ներկայութեամբ:
Բացման խօսքը կատարեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ օրուան դասախօսին՝ Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի, հակիրճ կենսագրականը կարդալէ ետք, հրաւիրեց զայն, որ լուսաբանութիւններ տայ բիւզանդական բանակին մէջ հայերու դերին մասին:
Դասախօսը [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանը պիտի ցուցադրէ «Race to Nowhere» շարժապատկերը, Ուրբաթ, Մայիս 4ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահէն ներս։ Դպրոցին հասցէն է՝ 2215 E. Colorado Blvd, Pasadena 91207: Սոյն միջոցառումին մուտքը ազատ է:
Վիքի Էյպըլզ՝ մտահոգ մայր մը, համաբեմադրիչն ու արտադրիչն է այս վաւերագրական շարժապատկերին, որ ակնարկ մըն է [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Փառատօն»ը եղած է ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի ամէնէն երկար դիմացած ձեռնարկը, որ կը կրկնուի արդէն քսան տարիէ ի վեր: Այս տարի դպրոցը կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու անոր 20ամեակը:
«Փառատօն»ը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 29ին, վարժարանի Քանոկա Փարքի համալիրէն ներս: Այս տարուան թեման է՝ «Կեանքը արուեստի մէջ»: Շուրջօրեայ փառատօնին պիտի ներկայացուին մրցումներ, ցուցադրութիւններ եւ հանդիսութիւններ, որոնք [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Շաբաթ, Մայիս 12ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս (900 West Lincoln Avenue, Montebello, CA 90640) տեղի պիտի ունենայ քաղաքի հայկական տարեկան հինգերորդ փառատօնը, ուր հայկական տաղանդը, մշակոյթը, երաժշտութեան ձայնը, ուտեստեղէններն ու խորովածի բուրմունքը տիրապետող պիտի ըլլան: Այս տարուան փառատօնը լաւագոյն առիթը պիտի ըլլայ տօնելու Մայրերու օրը, եւ այդ պատճառով ծրագրուած են յատուկ աշխատանքներ, [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանի 6-8 դասարանէն 11 աշակերտներ, վարժարանէն ներս կայացած գիտական մրցանքի արդիւնքներուն հիման վրայ, իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու տարեկան գիտական մրցանքին, որ տեղի ունեցաւ Մարտ 18ին: Այդ աշակերտներէն Լեւոն Աւետիքեան (7րդ դասարան) երրորդ հանդիսացաւ իր բաժանմունքին մէջ, իսկ Յակոբ Պալաքեան, գիտական մրցանքին զուգահեռ կայացած զարգացման մրցումին ընթացքին ստացաւ նիւթական պարգեւ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Արշակունի ընտանիքի հիմնադրամի հիմնադիր եւ երկարամեայ ուսուցչուհի Մերիլին Արշակունիի անուան կրթանպաստներու հիմնադրամը, այս տարի եւս մինչեւ 2000 տոլարի կրթանպաստ մը պիտի տրամադրէ «Ֆերահեան» վարժարանէն շրջանաւարտի մը՝ ի պատիւ հայ աշակերտներու կրթութեան նուիրուած սոյն ուսուցչուհիին, որ 28 տարիներ դասաւանդած է «Ֆերահեան»ի մէջ:
Դիմումնագիրները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Յուլիս 15, իսկ դիմողները պէտք է ըլլան առնուազն երրորդ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ապրիլ 15ին, յաւարտ Ս. պատարագի, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի գաւիթին մէջ, Վաչէ արք. Յովսէփեանի հետ միասին, օծումը կատարեց տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Սոնիա Ագեանի նուիրատուութեամբ պատրաստուած Քրիստոսի Ս. Յարութեան մոզայիքին: Սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարերար ամոլին եւ շեշտեց, թէ իրենց եւ սիրելիներուն յիշատակը թարմ պիտի մնայ աղօթք մատուցողներուն [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի պետական վարժարաններուն կողմէ կազմակերպուած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ի երեկոյեան:
Մօտաւորապէս 500 հոգիի ներկայութեամբ, ոգեկոչման տարեկան այս 11րդ ձեռնարկի ընթացքին գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը՝ լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ հակառակ հայութեան դէմ գործադրուած այդ ահաւոր ոճիրին, հայութիւնը մօտաւորապէս հարիւրամեակ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, թեմի մշակութային յանձնախումբը կազմակերպած էր «Սրբազան Համերգ», որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, երեկոյեան ժամը 6ին՝ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: «Խաչատուրեան» երգչախումբի փոխխմբավար Ալենուշ Եղնազարի կողմէ երգուած «Գթա Տէր» հանգստեան շարականէն ու սրբազան հօր «Հոգւոցն Հանգուցելոց» մաղթանքէն ետք, Խաժակ քհնյ. [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՏԵՆՎԸՐ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, Քոլորատոյի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը՝ Ապրիլ 24, 2012ը նահանգին մէջ «Հայկական Ցեղասպանութեան օր» հռչակելով:
Քոլորատոյի հայութեան ջանքերով կարելի եղած է նաեւ ապահովել նահանգապետին եւ Քոլորատոյի մայրաքաղաք Տենվըրի քաղաքապետին հռչակագիրները, որոնց մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կը հաստատուի ու կը դատապարտուի:
Ապա՝ Կիրակի, Ապրիլ 22ին տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համայնքային ձեռնարկը, որ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արուեստներու նուիրուած «Bureau of Arts and Culture» թերթին նախաձեռնութեամբ, Մայիս 5-20ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ ապրող տարբեր ազգութեանց արուեստագէտներու ստեղծագործութեանց խմբային ցուցահանդէս մը, որուն մասնակիցներէն մէկն է Սիրուն Երէցեանը:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 5ին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ եւ գործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, նոյն [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Եգիպտական պատկերասփիւռի «Օն Թի.Վի. Լայվ» կայանը, 24 Ապրիլի երեկոյեան «Սուրա Քամիլա» յայտագիրէն պատրաստեց ու սփռեց Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին նու-իրուած կենդանի հանդիպում-զրոյց մը, որ կը կրէր «100 տարի՝ Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան» խորագիրը։
Յայտագիրին կը մասնակցէին Գահիրէի «Այն Շամս» համալսարանի պատմութեան դասախօս տոքթ. Մուհամետ ՌիՖաաթ, Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան՝ սքայփով՝ Լիբանանէն, եւ Թուրքիոյ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հակառակ աննպաստ օդին, Մեծն Ուաշինկթընի գաղութը հաւաքուեցաւ Սպիտակ տան մօտ եւ կատարեց խաղաղ ցոյց մը՝ նախագահ Օպամայէն պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Հաւաքը կազմակերպուած էր շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղին կողմէ, գործակցաբար շրջանի այլ կազմակերպութիւններու:
Անցեալ շաբաթավերջին սկսած այս ցոյցը, առիթ մը ընծայեց երիտասարդներուն, որ իրենց ցասումն ու յուսախաբութիւնը արտայայտեն նախագահ Օպամայի կրաւորական մօտեցումէն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Պերլին, Քէօլն, Շթութկարթ, Միւնիխ, Համպուրկ, Ֆրանքֆուրթ եւ այլն, հայ համայնքը զանազան ձեռնարկներով ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը:
Ոգեկոչման կեդրոնական յուշատօնը տեղի ունեցաւ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ. անիկա կազմակերպուած էր Գերմանիոյ հայոց թեմի եւ գերմանահայոց Կենդոնական խորհուրդի Ապրիլ 24ի յանձնախումբին կողմէ:
Յուշատօնը տեղի ունեցաւ Ֆրանքֆուրթ քաղաքի «Փաուլսքիրշէ» հանդիսասրահին մէջ: Բացումը կատարեց Կեդրոնական [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան 97ամեակին առիթով, Ուքրանիոյ բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ տեղի ունեցան խորհրդաժողովներ, կլոր սեղաններ, յիշատակի երեկոներ, երթեր, իսկ հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան հոգեհանգիստի պատարագներ:
Ուքրանիոյ «Փարտիա Փենսիոներով» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. առանց մոռացումի» խորագրեալ կլոր սեղանը, որուն կը մասնակցէին Ուքրանիոյ քաղաքական, հասարակական կազմակերպութիւններու, ազգային փոքրամասնութիւններու, լրատուամիջոցներու, գիտութեանց, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու ներկայացուցիչներ:
Ապրիլ 24ին Քիեւի [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայկական արուեստի եզակի 103 նմոյշներ խորհրդանշական կերպով համախմբուած էին մէկ վայրի մէջ՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, ուր բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի պատմութեան մէջ բացառիկ ցուցահանդէսի մը՝ «Գիրի յաւերժութիւն» խորագիրով, որ նուիրուած է Հայ տպագրութեան 500ամեակին: Ցուցահանդէսին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով միասնաբար ներկայացուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի թանգարանի (17 ցուցանմուշ), Հայաստանի պատմութեան թանգարանի (15 ցուցանմոյշ), Մատենադարանի (37 [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՖՐԵԶՆՕ.- Ուրբաթ, Մայիս 11ին, Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան համագաղութային վարժարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի զաւակ Ուիլեըմ Սարոյեանի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն մը՝ կազմակերպութեամբ վարժարանին:
Ելոյթներ պիտի ունենան «Ուիլեըմ Սարոյեան՝ Մարդը» վաւերագրական շարժապատկերի բեմադրիչ Փօլ Քալինեան եւ շարժապատկերը արտադրած անոր դուստրը՝ դոկտ. Սիւզի Քալինեան, որոնք նաեւ պիտի ցուցադրեն ֆիլմը:
Սոյն ֆիլմը 1995ին լաւագոյն շարժապատկերի [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայ Քոյրերու վարժարանի Ցեղասպանութեան 97ամեակին նուիրուած միջոցառումներու կարգին հետաքրքրական ձեռնարկ մըն էր միջնակարգի աշակերտներու հանդիպումը Զաւէն Խանճեանի հետ։ Տնօրէնութեան առաջարկով եւ հայկական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ գործադրութեամբ այս օգտաշատ հանդիպում-զրոյցը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ի յետմիջօրէին, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահին մէջ, ուր աշակերտները առիթն ունեցան ծանօթանալու Խանճեանի պատմական այցելութիւնը Արեւմտահայաստանի Աղըն գիւղին մէջ գտ-նուող իր հօրենական [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շարունակելով գաղութիս հայրենակցական եւ հասարակական կազմակերպութիւնների հետ հանդիպումների շարքը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Քեսապի ուսումնասիրաց միութեան վարչութեան հետ, Ռեսիդա քաղաքում գտնուող միութեան կենտրոնատեղիում: Հանդիպմանը մասնակցում էին միութեան վարչականներ Եսթեր Չէլէպեան-Թոկնոզին, Վարդան Փօլատեանը, Սողոմոն Փօլատեանը, Անահիտ Եարալեան-Մարճանեանը, Հրաչ Մարճանեանը, ինչպէս նաեւ Հանրային կապի յանձնախմբի ատենապետ Րաֆֆի Կիւրիւնեանը, յանձնախմբի անդամներ Սիրան [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան վարիչ խորհուրդը, իմաստութիւնը ունեցած էր այս տարի իր միջ-տարեկան գարնանային նիստը կայացնել գեղատեսիլ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ մէջ, ուր գիտակից զուգադիպութեամբ մը, ժողովականները բացառիկ պատեհութիւնը ունեցան վայելելու եկեղեցւոյ երգչախումբի տարեկան երրորդ համերգը՝ ղեկավարութեամբ եկեղեցւոյ եռանդուն, երիտասարդ, երաժշտասէր եւ խմբավար հովիւ վեր. Ներսէս Պալապանեանի:
Արդարեւ Աստուծոյ փառքին նուիրուած [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ի առաւօտեան, Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագ մը, որուն ընթացքին, քաղաքի եւ շրջակայ գիւղերու հայութիւնը հաւաքուեցաւ, որպէսզի մասնակցի պահանջատիրական բողոքի երթին:
Պատարագէն ետք, Ախալցխայի հայութիւնը քաղաքի կեդրոնական փողոցներով ու պահանջատիրական բազմաթիւ պաստառներով քալեց դէպի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հայկական դպրոց: Ապա Ախալցխայի հայ ժողովուրդը քաղաքի [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՕԹԹԱՈՒԱ.- Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է յիշատակի աւանդական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած են Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդները, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ դպրոցականներ:
Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, ոգեկոչելով 1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակը՝ նշած է, որ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը ոճիր էր համայն մարդկութեան [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Վերջերս լոյս տեսած է ֆրանսացի բեմադրիչ Րաֆֆի Շարթի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Մոռացութեան Երեխաները» (Les Enfants de lOublie) գիրքը:
Գիրքի պատմութիւնը կը սկսի 1913ին՝ Պիթլիսի դէպքերով: Գիրքին մէջ ներկայացուած են Զուարթի ու անոր ամուսնոյն՝ Գէորգի, յարաբերութիւնները թուրք եւ հայ բարեկամներու հետ:
Ըստ Շարթի՝ գիրքը նուիրուած է հայկական բանակի քայլերգի հեղինակ Ճորճ Կարվարենցին: Անոր կարծիքով, հարկ է «կեդրոնանալ [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Կիրակի, Ապրիլ 22ին, կէսօրէն ետք, Վարդանանց Ասպետներու աւանդական Ցեղասպանութեան յիշատակումը, տեղատարափ անձրեւներու բերումով, փոխան Նիւ Եորքի )Թայմզ( հրապարակին՝ նշուեցաւ Ս. Վարդան Մայր տաճարի համալիրի «Գաւուքճեան» հանդիսասրահին մէջ, աւելի քան 1500 հայորդիներու ներկայութեան: Խիտ շարքերով հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը այս տարի զգալի էր աւելի քան նախորդ տարիներուն:
Ներկայ էին, Մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ Ցեղասպանութենէն վերապրող չորս հայուհիներ՝ ծնած [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 27ին, Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութիւնը կազմակերպած է բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի նուիրուած բանախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ: Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Միքայէլ արք. Մուրատեան:
Երեկոյի բանախօսն է Տիթրոյիթի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր [...]
April 25th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »