Home » ՀայաշխարհYou are browsing entries filed in “Հայաշխարհ”
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 20 Մայիսին Մայր Աթոռի մէջ գումարուած է Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական-աստուածաբանական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած են միջեկեղեցական, հասարակական եւ ներեկեղեցական տարաբնոյթ հարցեր:
Զեկոյցով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեանը՝ տեղեկացնելով 2013ի Յուլիսին Պուտափեշթի մէջ կայանալիք Եւրոպական եկեղեցիներու համագումարին 14րդ եւ Նոյեմբերին Պուսանի մէջ կազմակերպուելիք Եկեղեցիների համաշխարհային խորհուրդի [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ», «Նիուզ».– Մարտունիի զօրամասին մէջ 16 Մայիսին ժամկէտային զինուորական ծառայող Միշա Խուդաւերդեանը կրակած է պայմանագրային զինուարական ծառայող Կամօ Աւագեանի եւ այլ զինուորի ուղղութեամբ: Տուժողներ չկան։
Ըստ «Թերթ»ին, վերջինս սպայ է, եւ Միշա Խուդաւերդեանին բարկացուցած է՝ յայտնելով, որ ան մաքրութիւնը չպահպանելու գծով զեկուցագիր պիտի ներկայացնէ հրամանատարին:
Պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու աւագ սպայ Մերի Սարգսեանը [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Վանաձորի Արցախ պուրակին մէջ քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ բողոքի ցոյց կատարած են՝ կազի գինի բարձրացման դէմ: Անոնք երթով ուղղուած են դէպի Լոռիի մարզպետարան՝ պահանջելով հանդիպում Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալբանդեանի հետ: Այս մասին հաղորդած է «Ա1 փլիւսը»:
Բնակիչներուն հետ տեսակցելու համար ներկայացած է մարզպետի տեղակալը, սակայն բողոքի մասնակիցներուն պահանջով եկած է նաեւ մարզպետ Արթուր Նալբանդեանը:
Բողոքի [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ամբողջ աշխարհում գնում է էներգակիրների թանկացման տենդենց», խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած է ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը՝ պատասխանելով Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեանի հարցումին:
ՀԱԿի խմբակցութեան ղեկավարը հարցուցած էր, թէ կառավարութիւնը ե՞րբ գիտցած է կազ վաճառող կողմի նոր առաջարկին մասին, եւ արդեօք այդ մասին հիմա յայտնելը կապուած չէ՞ Հայաստանի մէջ ընտրական [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Միացեալ Նահանգներու Երկրաբանական ծառայութեան ներկայացուցիչները Հայաստան այցելած են՝ շերտաքարային կազի պաշարներու առկայութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով: 22 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Արեգ Գալստեանը: «Մեզ համար շատ կարեւոր է տարբերակել էներգիայի մեր սեփական աղբիւրները, ներկրուող էներգիային զուգահեռ օգտագործել նաեւ սեփական պաշարները», յայտնած է [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– «Հայաստանի էներգետիկոլորտի ապագան, վերականգնուող էներգիայի եւ էներգախնայողութեան հարցերը Հայաստանում» նիւթով 22 Մայիսին սկսած համաժողովին ընթացքին քննարկուած են այս բնագաւառին եւ հոն խնայողութիւն ընելու առնչուող հարցեր։ Օրուան հիմնական բանախօսներն էին ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը, որոնք իրենք խօսքը ուղղած են այս առիթով. դեսպանը նաեւ [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մեկնած է Մոսկուա՝ մասնակցելու «Եւրոպական անվտանգութեան ռազմաքաղաքական ասպեկտները» խորագիրով միջազգային համաժողովին:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ, որ Օհանեան հանդիպումներ ունենայ կարգ մը երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 21 Մայիսին Բրիտանիա տուած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկած է Օքսֆորտի համալսարանին մէջ. ներկայ էին հեղինակաւոր կրթօճախի դասախօսներ, ուսանողներ, փորձագէտներ ու վերլուծաբաններ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Նալբանդեան իր ելոյթին եւ հարցումներուն տուած պատասխաններուն ընդմէջէն ներկայացուցած է հայ-բրիտանական [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նի-ուզ».– Հայաստանի ոստիկանութեան պատուիրակութիւնը՝ ոստիկանութեան պետ, զօր. Վլադիմիր Գասպարեանի գլխաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն ներկայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի ոստիկանութեան պետ Կամօ Աղաջանեանը, ոստիկանութեան ղեկավար կազմը, ծառայութիւններու եւ ստորաբաժանումներու պատասխանատուները: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկու իրաւապահ կառոյցներու աշխատանքի առաւել սերտացման, ծառայութեան որակի բարելաւման ու յանցագործութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան բարձրացման [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պուտափեշթի մէջ կայացած է Ինթըրփոլի Եւրոպական տարածաշրջանային 42րդ համագումարը, որուն մասնակցած են Եւրոպական տարածաշրջանի 48 անդամ երկիրներու ոստիկանութեան, իրաւապահ մարմիններու եւ 7 միջազգային կազմակերպութիւններու 128 պատուիրակներ:
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, 14-16 Մայիսէն կայացած կոնֆերանսին Հայաստանի պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի Ազգային կեդրոնական բիւրոյի (ԱԿԲ) պետ, [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տեղական մարմիններու 20 երկիրներու մէջ գործող ատենապետերու եւ վարչութիւններու անդամներուն միջեւ։ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին նախարարը կարեւոր նկատած է «Հայաստան» հիմնադրամի դերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած հոգաբարձուներու [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու տարածաշրջան այցելութեան ընթացքին, համանախագահները Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն պիտի առաջարկեն Յունիս 12ին հանդիպում մը ունենալ Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքին մէջ. այս մասին կը տեղեկացնէ իր ինքնութիւնը բացայայտել չփափաքող դիւանագէտ մը, որ նաեւ նշած է, թէ նախագահներուն միջեւ հանդիպման շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած տակաւին:
Նշենք, որ Յունիս 12ին նախագահներուն միջեւ կայացած հանդիպման [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ պատրաստութիւններ կը կատարուին եռալեզու համալսարան մը բանալու համար. հոն, Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, քրտերէն լեզուով դասաւանդութիւններ տեղի պիտի ունենան: Սկզբնական շրջանին, համալսարանին մէջ դասաւանդութիւնները քրտերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով պիտի ըլլան, իսկ հետագային պիտի աւելնան նաեւ հայերէնով եւ ասորերէնով ուսուցումները:
Համալսարանը հաստատելու աշխատանքին նախաձեռնած է «Մեսոփոթեմիա» (Միջագետք) հիմնադրամը՝ ներգրաւելով մօտաւորապէս [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի տնտեսութեան աշխուժութեան ցուցանիշը 2013 թուականի Յունուար-Ապրիլի դրութեամբ 7.4 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, աճ արձանագրուած է գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, բացի՝ շինարարութեան, ելեկտրականութեան արտադրութեան բնագաւառներէն: Նուազած են նաեւ ներածման ցուցանիշները: 2012ի Յունուար-Ապրիլին հետ բաղդատելով՝ այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն ծառայութիւններուն ծաւալները [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– «Հայաստանի էներգետիկ կեանքը կախուած է Ռուսաստանից: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները վճռականօրէն գործէին, ամէն ինչ այլ կերպ կը լիներ», 21 Մայիսին «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը եւ աւելցուցած. «Էներգետիկ անկախութեան մասին են խօսում, բայց ոչ մի քայլ չեն անում այդ անկախութիւնն ապահովելու համար»:
Անդրադառնալով [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 19 Մայիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է «Ադրբեջան. ժողովուրդների գերեզմաննոց» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը. անիկա կը վերաբերի Ատրպէյճանի մէջ կարգ մը բնիկ ժողովուրդներու պատմական հողերու բռնազաւթման եւ անկէ բխող հետեւանքներուն:
«Արցախում Սուվորովի եւ Մադաթովի անուան ռազմական ուսումնարան» ծրագիրի իրականացման կոմիտէի մամլոյ կեդրոնէն յայտնած են, որ ճակատագիրներու նմանութիւնը կարելիութիւն կու տայ հայերուն՝ լաւագոյնս գիտակցելու պատմական իրադարձութիւններու [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 Մայիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանի հետ: Արցախի հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Կամօ Աղաջանեանը, քննարկուած են իրաւապահ մարմիններու աշխատանքին եւ այդ ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի ոստիկանութիւններուն [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները՝ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ: Ողջունելով հիւրերը՝ կաթողիկոսը օրհնած է զանոնք եւ անդրադարձած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդգծած է, որ հիմնադրամի ծառայութիւնը՝ հայրենիքի կեանքի յառաջընթացին ու բարօրութեան ի նպաստ ծաւալած, մեծ [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– «Եթէ մահացածները կարող են քուէարկել, ինչո՞ւ թոշակ չստանան: Եթէ այդ մարդկանց կարելի է օգտագործել, որ դուք մնաք իշխանութեան գլուխ, ինչո՞ւ չի կարելի նրանց օգտագործել այլ ուղղութեամբ: Այդ պարագայում ինչ է արել Խաչիկեանը», Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչ Վահան Յովհաննիսեանը՝ անդրադառնալով նախօրէին վարչապետի այն հաւաստիացումներուն, թէ կառավարութեան [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 19 Մայիսին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ՀՅԴի կուսակցական խորհրդակցութիւն, Ստեփանակերտի «Պարկ Հոթել Արցախ» պանդոկին մէջ։
Խորհրդակցութեան մասնակցած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը, ՀՅԴ Արցախի Շրջանային կառոյցներու կոմիտէները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դաշնակցական պետական պաշտօնեաները:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են ՀՅԴ Արցախի կառոյցի կազմակերպական կեանքին, շրջանային կառոյցներու, Ազգային ժողովի [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական թատրոնին մէջ 22 Մայիսին Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար»ը առաջին անգամ ըլլալով բեմ պիտի բարձրացուի օփերայի ձեւով։ Երաժշտութեան հեղինակն ու բեմադրիչը Հրանտ Աղաջանեանն է: Հովանաւորներն են սփիւռքահայ բարերարներ Վահագն Յովնանեանն ու Ժան Վարդանը:
«Յակոբ Պարոնեանը դասական է, իսկ դասականները միշտ արդիական են», յայտնած է Հրանտ Աղաջանեան՝ աւելցնելով, որ ասիկա նաեւ առիթ [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոստի Արմէնիա».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի խումբ մը անդամներու հետ՝ յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի գլխաւորութեամբ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած են արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու խորհրդարաններու համագործակցութեան առնչուող կարգ [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի (ՀԵՀ) եւ «Լոյս» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ պիտի գործադրուի ծրագիր մը, որուն նպատակն է մարզերուն մէջ ապրող երիտասարդութեան հարցերը լուծել։
Մայիս 18ին ՀԵՀ Վայոց ձորի երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, որուն ընթացքին կեդրոնի կամաւորները «Լոյս» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցին, թէ մարզին մէջ երիտասարդները ի՛նչ հիմնախնդիրներ ունին: Անոնք յատուկ կերպով անդրադարձան երիտասարդներու աշխատանքի ապահովման, [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղ-ուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան համար «Շուշիի ազատագրման համար» մետալով պարգեւատրուած են ազատամարտիկներ Արարատ Աւանեսեանը եւ Արթուր Գասպարեանը: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, նախագահը ստորագրած է նաեւ այլ հրամանագիր մը՝ Յաղթանակի օրուան, Լեռնային Ղարաբաղի [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Մայիսի աւարտին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ թուրք գրող Էլիֆ Շաֆաքի «Ստամբուլի ընկեցիկը» գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը: Թարգ-մանութեան հեղինակ Մարօ Մադոյեան-Ալաջաջեանի համաձայն, ասիկա գեղարուեստական բարձրարժէք գործ է, որ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութենէն փրկ-ուած հայերու թոռներուն պատմութիւնը:
Հերոսներէն մէկը կ՛ապրի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, միւսը՝ Պոլսոյ, վերջինը ոչինչ գիտէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
«Վէպը հիմնականում խօսում է Ցեղասպանութեան [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօր. Մովսէս Յակոբեանի գլխաւորութեամբ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են բանակի հրամանատարական կազմը, միաւորումներու, զօրամասերու եւ առանձին ստորաբաժանումներու հրամանատարները:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամ-լոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են ընթացիկ ծառայողական խնդիրներ: Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ամերիաբանկ»ը վերանայել է բանկային ծառայութիւնների սակագները՝ դարձնելով դրանք աւելի մրցունակ», լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է «Ամերիաբանկ»ի մանրածախ գործառնութիւններու գծով տնօրէն Արման Բարսեղեանը: «Տարբերակում ենք մտցրել մարզերում եւ Երեւանում սակագների միջեւ՝ խթանելու մարզերում բանկային ծառայութիւնների վաճառքը եւ զարգացումը: Քարտային ծառայութիւնների հետ կապուած հիմնական ուղղութիւնը եղել է սակագները առաւել մրցակցային դարձնելը: Տոկոսադրոյքները, ինչպէս [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «Ամերիա» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի անկախ անդամ դարձած է «Իմըրճինկ մարքեթս սթրաթըճի»ի փոխնախագահը եւ «Ֆիտելիթի ինվեսթմընց» ընկերութեան կառավարիչ ՌոպըրթՎոն Ռեքովսկին (ձախէն առաջինը), որ համաշխարհային գոյքերու եւ ունեցուածքներու կառավարման աւելի քան 23 տարուան փորձառութիւն ունի:
Ռոպըրթ Վոն Ռեքովսկին 22 Ապրիլին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ ինք շատ կարեւոր կը նկատէ «Ամերիա» դրամատան մէջ [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կը ներկայացնենք «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեանի հարցազրոյցը ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ:
ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Պարոն Օհանեան, ինչո՞ւ այսօր հրաժարական չտուեցիք, երբ իմացաք, որ զինուորի դագաղը Երեւան-Սեւան մայրուղու ասֆալտի վրայ է:
ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ.- Բայց ո՞վ է ասել, որ պէտք է հրաժարական տայի ես:
ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Բանակում ոչ կանոնակարգային յարաբերութիւնների հետեւանքով շաբաթը մէկ զինուոր է [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ընդդիմադիր ուժերը՝ ՀԱԿը, «Ժառանգութիւն»ը, ՀՅԴն, ինչպէս նաեւ այլընտրանքային ուժ ներկայացող «Բարգաւաճ Հայաստան»ը դէմ պիտի քուէարկեն նոր ձեւաւորուած կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին, կը գրէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրող Ռուզաննա Ստեփանեանը։
Ազգային ժողովին մէջ նշուած խմբակցութիւններու պատգամաւորները 21 Մայիսի նիստին անխնայ քննադատութեան ենթարկեցին կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրն ու նախորդ տարիներուն անոր գործունէութիւն:
Նախկին արտաքին գործոց [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, 21 Մայիսին, կառավարութեան կողմէ Ազգային ժողովին ներկայացուած ծրագիրի քննարկման ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Դաշնակցական պատգամաւորական խումբի անդամ Արմէն Ռուստամեան հանդէս եկած է հետեւեալ յայտարտարութեամբ.
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կառավարութիւնը կրկին ներկայացրեց իր ծրագիրը: Ի՞նչ ակնկալիք կարող է ունենալ մեր քաղաքացին այս ծրագրից ու կառավարութիւնից: Ցաւօք, ոչ մի լուրջ դրական տեղաշարժ իմաստ չունի սպասել: Նախ [...]
May 21st, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ Շաբաթ օր, 18 Մայիսին մասնակցեցաւ Բերձոր քաղաքի ազատագրման 21րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն:
Նախագահ Սահակեան ծաղկեպսակ դրաւ Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ եւ պետական պարգեւներ ու արժէքաւոր նուէրներ յանձնեց խումբ մը անձերու:
Իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան Բերձորի ազատագրումը բնութագրեց իբրեւ կարեւոր զինուորական, քաղաքական եւ հոգեբանական յաղթանակ, [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Երե-ւանի փակ շուկայի սեփականատիրոջ առջեւ դրուել են մի շարք պահանջներ», յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: «Պէտք է հին կառոյցի պատերն ամրակայուեն, սահմանուած հատուածի ապամոնտաժում իրականացուի, որից յետոյ կառուցուող շէնքի նախագիծը կը ներկայացուի մշակոյթի նախարարութեանը: Այդ ընթացքում կարող ենք ապահովել այն խնդիրների լուծումը, որի մասին անվերջ խօսում [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեան, 23 Մայիսին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հանդիպման գօտիին վրայ դիտարկում պիտի կատարէ Ֆիզուլիի ուղղութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն դիտարկում պիտի կատարեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Եւկենի [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 Մայիսին այցելած է Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղ եւ մասնակցած Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած պատարացիներու յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Իր խօսքին մէջ երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող նման կոթողի կառուցումը եւ երախտագիտութիւն յայտնած բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով իրականացած է [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փաստինֆօ».- Հայաստանի երեխաների արտասահմանեան որդեգրումն այսուհետ կը կատարուի ընդունուած եւ արդէն ուժի մէջ մտած որդեգրման կարգի կիրառմամբ: Այս մասին «Փաստինֆօ»ի թղթակցին յայտնեց ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան Քաղաքացիական ակտերի գրանցման գործակալութեան պետի տեղակալ Արգամ Ստեփանեանը:
Ընդունուած որդեգրուած կարգը համապատասխանեցուել է Երեխաների պաշտպանութեան եւ օտարերկրեայ որդեգրման բնագաւառում համագործակցութեան մասին Հաագայի կոնվենցիայի (համաձայանագիրի-Խմբ.) պահանջներին, որին Հայաստանը միացել է:
Որդեգրման կարգով [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Փան- Արմինիըն».– 20 Մայիսին Արմաւիրի մարզի՝ կարկուտէն տուժած գիւղերուն բնակիչները փակած են Երեւան-Արմաւիր ճամբան։ Գիւղացիներուն հետ տեսակցելու նպատակով շրջան գացած է փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, սակայն գիւղացիները մերժած են լսել անոր։ Արմաւիրի մարզի Շէնաւան գիւղի գիւղապետ Արթուր Մկրտչեանը «ՓանԱրմինիըն»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է. «Գիւղացիները չլսեցին փոխվարչապետին, նրան ասացին, որ [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի քաղաքապետարանի արտաքին ձեւաւորման եւ գովազդի վարչութեան յանձնարարուած է Լեզուի պետական տեսչութեան հետ միասնաբար մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպել այցելութիւններ եւ արձանագրել այն գովազդները, որոնք կը հակասեն «Գովազդի եւ լեզուի մասին օրէնքներ»ու պահանջներուն եւ ձեռնարկել համապատասխան քայլերու՝ զանոնք ուղղելու նպատակով։
Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, յանձնարարուած է նաեւ գոյքագրել նախորդ տարիներուն կառուցուած խաղահրապարակները, այգիներն [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Ըստ վիճակագրական տուեալներու՝ 2013ի Ապրիլին Հայաստանի արտաքին առեւտուրի շրջանառութեան տարեկան ցուցանիշը կազմած է 434.1 միլիոն տոլար (180.7 միլիառ դրամ), ինչ որ 2012ի նոյն շրջանին հետ բաղդատելով նուազած է 3 տոկոսով: Այս կը նշանակէ, որ ամսական դրութեամբ այս ցուցանիշը նուազած է 2.4 տոկոսով: Իսկ 2013ի Յունուար-Ապրիլ 2012ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ արտածման աճը [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը ճանաչում ապահոված է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ բժշկական խորհուրդին կողմէ: Յետ այսու այդ համալսարանի շրջանաւարտները, որոնք ուսանած են հայերէնով, կարելիութիւն պիտի ունենան դիմելու Քալիֆորնիոյ համալսարան՝ վերապատրաստման վկայական ստանալու համար:
Մ. Հերացիի անուան պետական համալսարանը արձանագրուած է նաեւ Քալիֆորնիոյ բժշկական խորհուրդի պաշտօնական կայքէջին վրայ՝ պաշտօնապէս ճանչցուած բժշկական հաստատութիւններու ցանկին մէջ, [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– «ՁԻԱՀի (Ձեռքբերովի իմունային անբաւարարութեան համախտանիշ – ԷՅՏԶ)ի խնդրի ջատագովութեան խումբ»ը ՁԻԱՀէն մահացածներուն յիշատակին նախաձեռնութիւն մը կատարած է 19 Մայիսին, Հիւսիսային պողոտային կից գտնուող հրապարակին վրայ՝ «Հետազօտուի՛ր եւ ապրի՛ր» խորագիրով։ Օրուան ընթացքին «ՁԻԱՀի խնդրի ջատագովութեան խումբ»ը ՄԱԿի ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի Միացեալ ծրագիրի, «Ուըրլտ վիժըն»ի Հայաստանի մասնաճիւղին, ՄԻԱՎի կանխարգիլման ծրագիրի եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ կատարած է [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կատարուող նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ 18 Մայիսին Երեւանի մէջ ձերբակալուած են Արսէն Աւետեանը եւ Արկադի Վարդանեանը, որոնց նկատմամբ կասկած կայ Արսէն Աւետեանի հօր՝ Ռոբերտ Աւետեանի, սպանութիւնը նախապատրաստելուն մէջ:
ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնին համաձայն, Արսէն Աւետեանը եւ Արկադի Վարդանեանը ծրագրած, միջոցներ ձեռք բերած եւ պայմաններ ստեղծած են Ռոբերտ Աւետեանը թունաւորելու եւ անոր գոյքին տիրանալու [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Դամասկոս-Գամիշլի-Երեւան երկրորդ թռիչքը, որ նախատեսուած էր նախ 15 Մայիսին, ապա յետաձգուեցաւ մինչեւ 22 Մայիս, դարձեալ յետաձգուած է: Այս մասին «Փան- Արմինիըն»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Սիրիական աւիաուղիներ»ու երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յովհաննիսեանը:
«Քիչ առաջ տեղեկացանք, որ չուերթն այս անգամ յետաձգուել է մինչեւ Մայիսի 28ը: Պատճառների մասին չի հաղորդւում, բայց, ամենայն հաւանականութեամբ, ուղեւորներն [...]
May 20th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Մայիսին կայացուցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ նոր մարզահամալիրի կառուցման առնչուող հարցերուն: Մարզահամալիրին նախագիծը ներկայացուցած է քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը:
Նախագահ Սահակեան դիտել տուած է, որ շատ կարեւոր է նման կառոյցի մը գոյութիւնը Ստեփանակերտի մէջ՝ աւելցնելով, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ հանրապետութեան մէջ մարմնակրթութեան զարգացման ու [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՄԱԼՄԻՕ.- Հինգշաբթի երեկոյեան շուէտական Մալմիօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրատեսիլ-2013»ի երկրորդ կիսաւարտականը:
Այս տարի սոյն երգի մրցումին Հայաստանը ներկայացնող «Տորիանզ» ռոք խումբը կատարեց «Լոնլի փլանեթ» երգը եւ մրցումի երկրորդ կիսաւարտականին մասնակցող 17 երկիրներու շարքին գրաւելով 7րդ դիրքը, կարելիութիւնը ստացաւ մասնակցելու 18 Մայիսին տեղի ունենալիք «Եւրատեսիլ»ի աւարտական հանգրուանին:
Հայաստանէն զատ աւարտական հանգրուան հասան Հունգարիան, Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Ռումանիան, Նորվեկիան, [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Իրանից կարելի է աւելի մեծ ծաւալներով գազ ստանալ, սակայն դա քաղաքական խնդիր է»: 17 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեանը:
Անոր համաձայն, Իրան ուրախ կ՛ըլլայ, եթէ աւելնայ դէպի Հայաստան մատակարարուող կազին քանակը, քանի որ տնտեսական պատժամիջոցներու պատճառով դժուարութիւններ ունի: Իրանական կազը, այսպիսով, այլընտրանք [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– «Մեր հեռուստատեսութիւնը «մուննաթի» հեռուստատեսութիւն է, իսկ հայ ժողովուրդը «մուննաթի» կենսակերպ է վարում»: «Սիվիլնեթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նման տեսակէտ յայտնած է թատերգակ, հրապարակախօս, «Գրական Թերթ»ի գլխաւոր խմբագիր Կարինէ Խոդիկեանը՝ դիտել տալով, որ ներկայիս հասարակութեան մէջ տարածուած յարձակողական մօտեցումը պատկերասփիւռի ճամբով կը սերմանուի։
«Հեռուստատեսութիւնը դարձել է գաղափարական քարոզչական մահակ ազգի գլխին, Հանրային հեռուստաընկերութիւնն իր առջեւ [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 17 Մայիսին Երեւանի բոլոր դպրոցներուն մէջ դասերը վարած են ոստիկանները: Ոստիկանութիւնը կազմակերպած էր «Ոստիկանն այսօր» խորագիրով նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն էր աշակետներուն ներկայացնել, թէ ինչ վիճակի մէջ է այսօրուան ոստիկանութիւնը, ինչպէ՛ս կը գործէ եւ այլն։
Դասերը ներկայացուցին սովորական, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան ոստիկանները, որոնք խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին աշակերտներուն մօտ։
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 16 Մայիսին կայացած Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Դաւիթ Սարգսեան յայտարարած է, որ Հայաստանը 2013ին առաջին անգամ ըլլալով միջազգային շուկային մէջ արտարժութային պարտատոմսեր պիտի հրապարակէ։
Անոր համաձայն, միջազգային կազմակերպութիւնները այլեւս Հայաստանը չեն նկատեր ցած եկամուտ ունեցող երկիր. ասիկա կը նշանակէ, որ միջազգային կառոյցներէն արտօնեալ պայմաններով վարկերու ստացումը աստիճանաբար պիտի նուազի, իսկ աւելի [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Տասնեակ տարիներէ ի վեր Թրբանճեան ընտանիքը կը կատարէ բարեգործութիւններ: Տէր եւ տիկին Ճերըլտ եւ Փաթրիշիա Թրբանճեանները իրենց քրիստոնէական հաւատքի եւ բարերարութեան շնորհիւ յատուկ տեղ կը գրաւեն Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան մէջ: Ս. Էջմիածինի եւ Արեւմտեան թեմի բարերարները մասնաւոր պատիւի արժանացան Կիրակի, Մայիս 5ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ մատուցուած [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Նշանաւոր երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի 110ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները արդէն ընթացք առած են. կ՛ակնկալուին տարբեր տեսակի հետաքրքրական այլ ձեռնարկներ եւս։ Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Արամ Խաչատրեանի անուան տուն–թանգարանի տնօրէն, Խաչատրեանի անուան եռեակի դաշնակահար, երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Արմինէ Գրիգորեանը։
Ան փոխանցած է, որ Սեպտեմբերին պիտի կայանայ «Արամ Խաչատրեանը եւ արդի աշխարհը» խորագիրով գիտաժողով՝ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Տարբեր [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը պիտի նկարահանէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ժապաւէն մը՝ հիմնուած գրող Յովհաննէս Աղաջանեանի «Ողջերն ու մեռածները» գիրքին վրայ: 17 Մայիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է հեղինակը՝ դիտել տալով, որ մօտ օրէն պիտի կատարուի բեմագրութեան ընտրութեան քննարկում, որուն պիտի մասնակցի նաեւ ինք։
Գիրքը Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայրենակիցներուն մասին է, որոնց կարգին [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– «Կամխուդ» ուսումնավարժական համալիրին մէջ յատուկ ռազմական հրաձգադաշտ պիտի ստեղծուի՝ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի արձակազէններու ստորաբաժանման համար։ Այս մասին հաղորդած է «Հարաւային ռազմական օկրուգ»ի մամուլի ծառայութիւնը:
«Նոր ուսումնական համալիրի հնարաւորութիւնները թոյլ կը տան դինամիկ, մշտական փոփոխուող թիրախային միջավայր ստեղծել 100550 մետր հեռաւորութիւնների վրայ: Սահմանափակ տարածութիւնում պայմաններ կը ստեղծուեն ժայռապատ, անտառապատ տեղանքում, ինչպէս նաեւ շէնքերում [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– «Դինամօ» մարզադահլիճին մէջ 17 Մայիսին սկսած են հայկական առաջին փոխպատուաստման (թրանսփլենթ) խաղերը, որոնց ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան փոխպատուաստուած օրկաններով մարդիկ:
ԱՊՀի մէջ Հայաստանը առաջին երկիրն է, ուր կը կայանան նմանատպ խաղեր: Այս խաղերով հայ մարզիկները կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու Համաշխարհային թրանսփլենթ խաղերուն, որոնք առաջին անգամ տեղի ունեցած են Լոնտոնի մէջ 1978 թուականին:
Խաղերուն կը [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փարիզի մէջ սփռուող «Այբ. Էֆ. Էմ.» ձայնասփիւռի կայանը 11 Մայիսին սփռած է հաղորդում մը՝ Շուշիի ազատագրութեան նուիրուած։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, շուրջ երկու ժամ տեւած հաղորդման ընթացքին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Վահագն Աթաբէկեանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը անդրադարձած են [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախեան ազատամարտի կամաւոր մասնակից Վարդգէս Սմբատեանը Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջէ հաշմանդամ ազատամարտիկներու կենսաթոշակի բարձրացում, ինչպէս նաեւ բնակարաններով ապահովում: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ինք՝ վարդգէս Սմբատեանը:
Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ կան մեծ թիւով ազատամարտիկներ, որոնք կ՛ապրին ընկերային շատ ծանր վիճակի մէջ, ունին նաեւ հաշմանդամութիւն կամ պարզապէս հիւանդ են: «Նրանք [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան 5 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը այցելած է Միացեալ Նահանգներու Քենզըս նահանգ՝ նահանգի Ազգային պահակագունդին հետ գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ։ Այս մասին հաղորդած է «WIBW»ն: Ասիկա արդէն Հայաստան-Քենզըս գործընկերութեան 10րդ տարեդարձն է:
Քանզաս նահանգի զօրավար–աժիւտանն ու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները յայտարարած են, որ Հայաստանի եւ Քենզըս նահանգներուն միջեւ 10ամեայ յարաբերութիւնները օգտակար եղած են [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– «Օգնութիւն եւ իրաւունք» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի պաշտպանութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարութիւններուն աջակցութեամբ եւ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի հովանաւորութեամբ, նախազօրակոչային տարիքի երիտասարդներուն համար կը կատարէ ռազմահոգեբանական, ընկերային եւ ընդհանուր իրաւական իրազեկուածութեան վերաբերեալ ծրագիր։
Այս ծրագիրով արդէն իսկ դասընթացքներ կատարուած են Երեւան քաղաքի եւ Հայաստանի մարզերու 38 աւագ դպրոցներու մէջ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– «Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորման առնչութեամբ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հայաստանի նախագահի 2013 թուականի 8 Մայիսի հրամանագիրներով ձեւաւորուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «նոր» կառավարութիւնը՝ նախկին վարչապետի գլխաւորութեամբ, ունի ընդամէնը միայն երեք նոր նախարար։
Նշուած է, որ այս քայլը ցոյց կու տայ, որ երկրի ղեկավարը դրական կը նկատէ անոնց [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի քաղաքացիական աւիացիան կը քննարկէ Երեւան-Պէյրութ-Երեւան թռիչքները վերականգնելու հարցը: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութեան մամլոյ քարտուղար Նելլի Չերչինեանը: «Այժմ այդ ուղղութեամբ քննարկումներ են ընթանում: Չուերթը կ՛իրականացնի այն աւիաընկերութիւնը, որն աւելի լաւ պայմաններ կ՛առաջարկի», յայտնած է Չերչինեանը:
Ան դիտել տուած է, որ «Արմաւիա»ի սնանկացումէն ետք թռիչքներու [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեանի եւ գերմանական հանրայայտ «ՍԹԱՏԱ» դեղագործական կազմակերպութեան ղեկավարութեան միջեւ կայացած հանդիպումը նպատակ ունէր նպաստել Հայաստանի մէջ դեղերու մատչելիութեան յաւելման։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են եւրոպական Պատշաճ արտադրական գործունէութեան կանոններուն (GMP) համապատասխանող դեղերը մատչելի գիներով Հայաստան ներածելու գործընթացին սկսելու հարցը: Դումանեան դիտել տուած է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ շրջանառութեան [...]
May 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը 17 Մայիսին պիտի այցելէ Լեհաստան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, Քրաքովի մէջ նախատեսուած է նախարարին մասնակցութիւնը Վիշեկրատեան քառեակի անդամ երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման:
Քրաքովի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է պաշտպանուել օդային ցանկացած յարձակումից». 16 Մայիսին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Մարշալ Արմենակ Խամփերեանցի անուան ռազմական օդանաւային հիմնարկի հակաօդային պաշտպանութեան բաժանմունքի աւագ դասախօս, գնդապետ Արմէն Գէորգեանը: «Հանրապետութիւնում հակաօդային պաշտպանական համակարգը կարող է յետ մղել օդային ուժերի զանգուածային հարուածները: Մեր զօրքերն այսօր մարտունակ են ու վերազինւում են ժամանակակից [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».– 16 Մայիսին Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ կազի գինի բարձրացման դէմ բողոքող քաղաքացիները երթով հասած են մինչեւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողով (ՀԾԿՅ): Բողոքողներուն հետ հանդիպում ունեցած է յանձնաժողովի աշխատակազմի ղեկավար Միքայէլ Սողոմոնեանը:
Ան դիտել տուած է, որ 90 օրերու ընթացքին պէտք է քննարկեն կազի գիները բարձրացնելու դիմումը եւ կայացնեն որոշում՝ դիտել տալով, թէ կազի [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 15 Մայիսին այցելած է Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւ, ուր ծանօթացած է ընկերային-տնտեսական կարգ մը ծրագիրներու գործադրութեան ընթացքին:
Կովսական քաղաքին մէջ երկրի ղեկավարը հանդիպում ունեցած է բնակիչներուն հետ եւ զրուցած զանոնք յուզող հարցերուն մասին՝ նշելով, որ ենթաշրջանի դիմաց ծառացած խնդիրներն ու անոնց լուծումը յատուկ ուշադրութեան արժանի են իշխանութիւններուն կողմէ։
Այնուհետեւ [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 16 Մայիսին նիստին պաշտօնապէս ներկայացուած է ԼՂՀի 2012ի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութիւնը, որով ընթացք առած է փաստաթուղթի նախնական քննարկումները Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներուն եւ պատգամաւորական խումբ-խմբակցութիւններուն մէջ՝ համաձայն հաստատուած ժամանակացոյցի: Կառավարութեան լիազօրութեամբ հանդէս գալով պիւտճէի կատարողականի վերաբերեալ զեկուցումով՝ ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեան անդրադարձած է հաշուետու տարուան ընթացքին [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Ինուլինի արտադրութեան հայ-չինական ձեռնարկութեան ստեղծման ծրագրի» ծիրին մէջ նախատեսուած է Հայաստանի մէջ հիմնել ժամանակակից արհեստագիտութեան ներդրմամբ ինսուլինի արտադրութիւն, որուն հիմնական հումքը պիտի հանդիսանայ տեղական անասնապահական տնտեսութիւններուն կողմէ յատուկ թեքնիք պահանջներով աճեցուած գետնախնձորը (Jeru-salem Artichoke):
Ինսուլինի արտադրութեան նախատեսուող տարեկան հզօրութիւններն են՝ 3.0-3.5 հազար թոն ինսուլին, 1.0 հազար թոն ֆրուքթոզ, 1.2 հազար թոն թաղանթանիւթ, 12 հազար [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Մինչ Երեւանի մէջ կառավարութեան շէնքին առջեւ կազի սղութեան դէմ բողոքի ցոյց կը կատարուէր, վարչապետը կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ կառավարութիւնը 30 տոկոսը յատկացում պիտի կատարէ կազի սակագինին:
«Ուզում եմ քաղաքացիներին տեղեակ պահել, որ սոցիալապէս անապահով ընտանիքները ստանալու են օժանդակութիւն, որպէսզի գազի թանկացումը նրանց ընտանեկան բիւջէի վրայ բացասական ազդեցութիւն չթողնի», յայտնած է վարչապետը՝ [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին մէջ 15 Մայիսին գումարուած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ կազմուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւններու կազմակերպման յանձնախումբի ժողովը՝ նախագահութեամբ յանձնախումբի ատենապետ, Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
Ժողովին ընթացքին զեկուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի նախաձեռնութիւններու վերաբերող առաջարկներ ներկայացնող յանձնաժողովի ատենապետ, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Մայիսին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահի հովանիին տակ իրականացուող Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրի (ԵԳԱԾ) ղեկավար եւ խորհրդատու մարմիններու անդամներուն հետ:
Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագիրին նպատակն է նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան յառաջընթացին եւ մարդուժի պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ աջակցել հանրապետութեան երիտասարդ գիտնականներու ստեղծագործական զարգացման: Ծրագիրը ունի չորս [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայ զինուոր մը սպաննուած, եւ ուրիշ մը վիրաւորուած է, երբ հայկական զօրամասին մէջ զինուորական ծառայող մը կրակ բացած է իր ընկերներուն վրայ՝ տակաւին անհասկնալի հանգամանքներու մէջ։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ միջադէպը տեղի ունեցած է 15 Մայիսին՝ ժամը 15:30ի շուրջ:
«Պահակախմբի մուտքի դիտորդ, ժամկետային զինծառայող, շարքային Դաւիթ Խաչատրեանն իրեն ամրակցուած ԱԿՄ տեսակի ինքնաձիգից կրակոց է արձակել, [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը տարբեր բոյսերու սերմացուներ պիտի յատկացնէ Հայաստանի Արմաւիրի մարզի կարկուտէն տուժած գիւղացիներուն։ 16 Մայիսին կառավարութիւնը որոշում տուաւ առուոյտի, արեւածաղիկի եւ եգիպտացորենի սերմնացուներ ձեռք բերել տեղական սերմնաբուծարաններէ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ Ռոստովի մարզի Զերնոգրատ քաղաքի «Սկիֆ Ագրոս» կազմակերպութենէն:
Ըստ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանի, 12 Մայիսին Հայաստանի Արմաւիրի մարզին մէջ կարկտահարութենէն լուրջ վնասներ ստացած [...]
May 16th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Օրերս վանդալիզմի ու անբարոյականութեան դէպք է տեղի ունեցել. պղծուել է Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի ազատամարտիկների յուշարձանը: Այսօր գիւղի կենտրոնում՝ պատերից մէկի վրայ, լկտիացած յանցագործները հայհոյական գրութիւններ են թողել սպանուած գիւղապետ, ազատամարտիկ Հրաչ Մուրադեանի հասցէին:
Կատարուածը մեր երկրում առկայ անպատժելիութեան, ամենաթողութեան մթնոլորտի հերթական դրսեւորումը չէ միայն: Այն Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան բացայայտմանն ուղղուած մարտահրաւէր է՝ նետուած նախաքննական մարմիններին, [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «ՓանԱրմինիըն».– Կարկուտին պատճառով Արարատեան դաշտին հասած վնասներուն պատճառով Արմաւիրի մարզի Մրգաշատ գիւղի բնակիչները բողոքի ցոյցեր կը կատարեն կարկուտին յաջորդած օրէն ի վեր: Անոնք ամէն օր կը փորձեն փակել ճամբան: Անոնք կառավարութենէն կը պահանջեն փոխհատուցել փճացած բերքի 30 տոկոսը եւ երկու տարիով դրամատուներուն մէջ սառեցնել իրենց վարկային պարտաւորութիւնները: Բայց եւ այնպէս մինչեւ օրս գիւղացիները [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 12 Մայիսին տեղացած կարկուտին պատճառած վնասին տարողութիւնը ճշդելու, ինչպէս նաեւ գիւղացիներուն օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով 15 Մայիսին կառավարութիւնը գումարած է խորհրդակցական հանդիպում մը։ Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնած են կառավարական աղբիւրներ: Համապատասխան մարմիններու պատասխանատուներուն յանձնարարուած է յստակ քայլերու ձեռնարկելու՝ գիւղացիներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ, կազմելու համապատասխան ցանկ եւ ներկայացնելու 16 Մայիսի նիստին, որուն հիմնական առանցքը այս [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– «Հայռուսգազարդ» ընկերութիւնը եւ անոր պատկանող «Տրանսգազ» ընկերութիւնը դիմած են Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին (ՀԾԿՀ)՝ սակագիներու վերանայման յայտով:
Առաջարկին համաձայն, ամսական մինչեւ 10 հազար խորանարդ մեթր բնական կազ սպառողներուն վաճառուող իւրաքանչիւր հազար խմ. բնական կազին առաջարկուող սակագինը (ներառեալ յաւելեալ արժէքի տուրքը) 1 Յուլիսէն կը նախատեսուի, որ ըլլայ 221 հազար դրամ (532 տոլար)՝ ներկայի 132 [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– 14 Մայիսին Համազգային պետական թատրոնը իր 21րդ թատերաշրջանի ծիրին մէջ արցախցի հանդիսատեսին ներկայացուցած է իր «SALE» ներկայացումը, որուն բեմադրիչը Վիգէն Ստեփանեանն է: Այս մասին գրած է karabakh-open.info-ն:
15 Մայիսին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի դահլիճին մէջ եւս տեղի ունեցաւ թատրոնի ելոյթը: Երկու օրուան ներկայացումներէն գոյացած ողջ հասոյթը, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, պիտի յատկացուի Ստեփանակերտի [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Էր Արաբիա» ընկերութիւնը դիմած է Հայաստանի Քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութիւն՝ դէպի Միացեալ Էմիրութիւններ շաբաթական 2 թռիչք կատարելու համար:
Այս մասին «Նիուզ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի քաղաքացիական աւիացիայի գլխաւոր վարչութեան օդային փոխադրութիւններու կարգաւորման վարչութեան պետ Հրանտ Միրզոյեանը: «Էր Արաբիա»ն կը ներկայացնէ Շարժան, թռիչքները պիտի կատարուին դէպի Շարժա, որ Տուպային [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ ամուսնութիւններու եւ ամուսնալուծութիւններու հաւասարակշռութիւնը դէպի վատ կ՛ընթանայ: Այս մասին խօսած է Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեանը 15 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Ան նշած է, որ 2013ի առաջին եռամսեակին արձանագրուած է 4591 ամուսնութիւն եւ 897 ամուսնալուծութիւն:
2011ի բնակչութեան մարդահամարի տուեալներով, Հայաստանի մէջ հաշուըւած էր 763,600 տնային [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը 14 Մայիսին հանդիպում ունեցած է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժան Լուի Քարըրի հետ։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը, կարեւոր նկատելով այդ գործընթացին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու դերակատարութիւնը:
Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային կարգ մը [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 26 Մայիսին Հայաստանի մէջ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացնէ Ռոքֆելըրի արխիւային կեդրոնին մէջ պահուող Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյց կոմիտէի բացառիկ հաւաքածոն, որ կազմուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին՝ 1915-29 թուականներ: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Նարեկացի» արուեստի միութեան նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիկտորիա Անտաբեանը նշած է, որ միութիւնը «Հետքերով որբերի [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Չորեքշաբթի, Մայիս 15ին ելոյթ ունեցաւ Վիեննայի մէջ կայացող ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին՝ կոչ ընելով աշխուժացնել ԵԱՀԿի տարածաշրջանին մէջ ձգձգուած հակամարտութիւններու՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումներու որոնումը:
«Ըստ Ատրպէյճանի իշխանութեանց՝ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ներուժը սպառած չէ տակաւին», յայտարարած է Մամետեարով՝ կոչ ընելով ԵԱՀԿի խմբակին, որ առարկայական բանակցութիւններու [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Հայաստանում թէեւ առկայ է զանգուածային գործազրկութիւն, առկայ է նաեւ որակեալ կադրերի հսկայական պահանջարկ», 15 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեանը: «Ինձ օրինակ («Ապաւէն» ընկերութեանը- Խմբ.) հարկաւոր է բեռնատարի շարքային որակեալ վարորդ՝ միջազգային չուերթներ իրականացնելու համար: Բանուորին նոյնիսկ որակաւորում է հարկաւոր, ու նրանք ոչ [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը 15 Մայիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Սուրեշ Պապուի հետ: Տարօն Մարգարեան հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է հայհնդկական յարաբերութիւններու ներկայ բարձր մակարդակը եւ կարեւոր նկատած է կապերու ամրապնդումն ու համագործակցութեան ընդլայնումը Տելհիի եւ Հնդկաստանի քաղաքներուն հետ:
«2008 թուականին Երեւանի եւ Դելիի միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան մասին փոխ-ըմ-բռնման յուշագիրը երկու մայրաքաղաքների [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 15 Մայիսին ԵԱՀԿ Մնայուն խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած է ԵԱՀԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արման Կիրակոսեանը:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, անդրադառնալով Մնայուն խորհուրդի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի ելոյթին, որուն մէկ հատուածը նուիրուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, Կիրակոսեան դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 14 Մայիսին կալանաւորուած են Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարութեան Ընկերային ապահովութեան ծառայութեան Արմաւիրի պատասխանատուն եւ անոր տեղակալը՝ մեծ գումարներ իւրացնելու կասկածով: «Նիուզ»ին հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, ոստիկանութեան կատարած հետաքննութենէն ի յայտ եկած է, որ Արմաւիրի ծառայութեան պետ Սէյրան Կարապետեանը եւ իր տեղակալը նախորդ տարիներուն չարաշահելով պաշտօնական լիազօրութիւնները՝ իւրացուցած են աւելի քան 400 միլոն դրամ [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, 15 Մայիսին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանը այցելած են Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի «Նագգաշեան մանուկների տուն»։
Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի հայկական բարեգործական «Մեր յոյս» կազմակերպութեան եւ անհատ բարերարներու աջակցութեամբ գործող կեդրոնին մէջ ներկայիս կ՛ապրին ընկերային անապահով կացութեան մէջ եղող ընտանիքներու 13-16 տարեկան 15 [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.– Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը սկսած է ելեկտրականութեան գիներու վերանայման գործընթացին:
Յանձնաժողովը դիտել տուած է, որ այս քայլին դիմուած է հաշուի առնելով 2013-2014 թուականներուն կանխատեսուող ելեկտրական արտադրութեան հաշուեկշիռի փոփոխութիւնը, ջերմային կայաններուն վաճառուող բնական կազի սակի հաւանական փոփոխութիւնը, ամերիկան տոլար-դրամ փոխարժէքի մեծութեան եւ շարք մը այլ գործօններու փոփոխութիւնները։ Ըստ յայտարարութեան, այս բոլորէն մեկնած Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան-Սուրիա օդային հաղորդակցութիւնը պիտի վերսկսի. Դամասկոս-Քամիշլի- Երեւան թռիչքը պիտի կայանայ 22 Մայիսին: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Սիրիական աւիաուղիներ»ու երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յովհաննիսեանը: «Չուերթը նախատեսուած էր Մայիսի 15ին, սակայն այն տեղափոխուեց Մայիսի 22ին, եւ մենք արդէն սկսել ենք վաճառել տոմսերը: Այստեղից մեկնողների թիւն արդէն 12 է, եկողների թիւը [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան ընդունեց Համաշխարհային դրամատան (ՀԴ) ներկայացուցիչները՝ ՀԴ կենսական նշանակութեան ճամբու ցանցի բարելաւման ծրագիրի ղեկավար Վիքրամ Քութարիի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան կարեւորութիւն ներկայացնող ճամբու ցանցի բարելաւման նոր ծրագիրի մեկնարկային պայմանները, ծրագիրի առաջին տարուան աշխատանքներու կարգավիճակը եւ իրականացման ընթացքը:
Անդրադառնալով ծրագիրի առաջին տարուան նախատեսուած աշխատանքներու չափին՝ նշուեցաւ, որ կը նախատեսուի 73 [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայկական բնապահպանական շարք մը կազմակերպութիւններ սկսած են միացեալ պայքարի՝ յանուն Հայաստանի բնական յուշարձաններու, պազալթէ սիւներու (ժայռերու) եւ անոնց յարող տարածքներու պահպանութեան: Նախաձեռնութեան մասնակից, բնապահպանական «Ափ թու ռոքզ» ակումբը կ՛առաջարկէ արգիլել ժայռերը մագլցիլը: 15 Մայիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ափ թու ռոքզ» ակումբի ղեկավար Մխիթար Մխիթարեանը: «Մենք տարածել ենք յայտարարութիւն [...]
May 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ.- Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի ծննդեան 90ամեակին առիթով, ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է Վրաստանի մէջ՝ ըստ վրացական աղբիւրներու, եւ Ռուսթաւի քաղաքին մէջ կատարուած է անոր անունը կրող զբօսայգիի մը բացումը: Ձեռնարկին մասնակցած են ատրպէյճանցի եւ վրացի շարք մը պաշտօնատարներ, ներառեալ՝ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի, որ դրուատած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ Ալիեւի [...]
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փան Արմինիըն».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 Մայիսին ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւապահ, դատական եւ հարկային մարմիններու ղեկավարներուն հետ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծուած են վերոյիշեալ ոլորտներուն մէջ առկայ խնդիրները, անոնց լուծման տարբերակները եւ աշխատանքներու համակարգման ու փոխգործակցութեան առնչուած տարբեր հարցեր:
Երկիրի ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է աշխատանքներու պատշաճ իրականացման առնչութեամբ։
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ուքրանական «Ինտեր» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ Արցախի մասին պատրաստուած տեսանիւթը լրջօրէն անհանգստացուցած է Ատրպէյճանը: Այս գծով Ուքրանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը նամակ յղած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ «Ինտեր» կայանին։ Այս մասին հաղորդած է «Արմէնփրէս»՝ վկայակոչելով ատրպէյճանական «ԱՓԱ» գործակալութիւնը:
Նամակին մէջ նշուած է, որ նման ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը բարի կամքի դրսեւորում չէ: Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը փափաք [...]
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Պաշտպանութեան նախարարութեան հրամանատարութեան աջակցութեամբ, բանակ-հասարակութիւն յարաբերութեան ամրապնդման ծիրին մէջ կազմակերպուեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնադրամի միջոցով Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Ռուսիայէն Արցախ գտնուող շուրջ 30 սփիւռքահայ ուսանողներու այցելութիւնը՝ երկրի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկը:
Սփիւռքի տարբեր անկիւններէն ժամանած երիտասարդները այցելեցին նաեւ հայ–ատրպէյճանական սահմանագիծ եւ ծանօթացան մարտական հերթապահութեան իրականացման առանձնայատկութիւններուն:
Մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած նման այցելութիւններ կազմակերպուեցան նաեւ դէպի [...]
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Երեւանի քաղաքապետարանէն պահանջած է հսկողութեան տակ առնել Երեւանի Մաշտոցի պողոտայի 5 հասցէին վրայ գտնուող Փակ շուկայի յետնամասին մէջ վերսկսած շինարարական աշխատանքներուն իրականացումը: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, նախարարութիւնը այս առնչութեամբ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած է.
«Մաշտոցի պողոտայի 5 հասցէում գտնուող Կենտրոնական ծածկած շուկայի [...]
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Ազատութեան հրապարակին վրայ 4 օր առաջ նստացոյցի սկսած ազատամարտիկները 14 Մայիսի ժամը 12:00ին դադարեցուցին զայն։ Այս մասին «Փան Արմինիըն»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է նստացոյցը նախաձեռնած ազատամարտիկ, «Մահապարտների» յատուկ ջոկատի անդամ, պահեստային գնդապետ Վոլոդեա Աւետիսեանը, որ յայտնած է նաեւ, թէ կառավարութիւնը տակաւին իրենց նամակին չէ պատասխանած: Նստացոյցին յաջորդող քայլերուն մասին հարցումի [...]
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– Հայաստանի մէջ այսօր կայ հոգեկան առողջութեան հարցեր ունեցող 45 հազար հիւանդ: Այս մասին 14 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան գլխաւոր հոգեբոյժ Սամուէլ Թորոսեան՝ աւելցնելով, որ հոգեկան առողջութեան առնչուած հարցեր ունեցողներուն թիւը զգալիօրէն մեծ է. «Պարզապէս շատ մարդիկ խուսափում են հոգեբոյժի դիմելուց ու հաշուառուելուց»:
Թորոսեանի համաձայն, հիւանդը հակառակ իր [...]
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանը եւ Աղուան Վարդանեանը 13 Մայիսին այցելած են Ազատութիւն հրապարակին վրայ նստացոյց կատարող արցախեան պատերազմի մասնակից 50է աւելի ազատամարտիկներուն եւ զրուցած են անոնց հետ։
Անոնք որոշ ժամանակ անցուցած են ազատամարտիկներուն հետ, բաժնած են անոնց մտահոգութիւնները, լսած են անոնց հարցերը։
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ «ծնողազուրկ երեխաներ»ու երեւոյթը տարածում գտաւ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք յատկապէս: Յիշեցնենք, որ այդ ողբերգութենէն ետք ամերիկահայ համայքը իր պարտականութիւններէն նկատած է հայրենիքին օգնելը:
«Նիուզ»ի թղթակից Ալբերտ Խաչատրեան գրած է, թէ կարգ մը հարցերու կողքին նախատեսուած էր լուծել որբ երեխաներուն հարցը: Սփիւռքէն ստացուած միջոցներով վերանորոգուեցաւ անօթեւան երեխաներուն համար նախատեսուած ապաստանարանը:
«Մէկուկէս տասնեակ անօթեւան երեխաները, [...]
May 14th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »