Home » ԱրցախYou are browsing entries filed in “Արցախ”

Արցախի Մէջ Բուսական Իւղ Պիտի Արտադրեն

Արցախի Մէջ Բուսական Իւղ Պիտի Արտադրեն

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 2012ի Ապրիլէն սկսեալ Արցախի մէջ պիտի սկսին բուսական իւղ արտադրել: ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հաւաստիացումով՝ հանրապետութեան մէջ պիտի արտադրուի ժամանակակից ճարտարագիտութիւններուն համապատասխանող եւ օգտակար բուսական իւղ:
«Կ՛ունենանք ե՛ւ մատչելի գին, ե՛ւ որակեալ բուսական իւղ», հաստատած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ հումքը պիտի ըլլայ տեղական, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ արտադրանքը վաճառելու աւելի մատչելի գիներով:

January 11th, 2012

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ղարաբաղը՝ Ամէնէն Հաւանական Պատերազմներու Ցանկին Առաջին Տեղը Կը Գրաւէ

Ղարաբաղը՝ Ամէնէն Հաւանական Պատերազմներու Ցանկին Առաջին Տեղը Կը Գրաւէ

«Եուրէյժանեթ.օրկ» կայքէջը հրապարակած է նախկին խորհրդային տարածաշրջանին վրայ պատերազմի վերաճման հաւանականութեան մասին տարբեր փորձագէտներու նախատեսութիւնները։
«Քասփիըն Ինթելիճընս» կայքէջի փորձագէտ Ալեքս Ճեքսընի կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի գօտիին վրայ լարուածութիւնը պիտի պահուի, սակայն ատոր աճելու հաւանականութիւնը քիչ է։ «Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը շփման գիծին վրայ առանց օդաչուի թռչող սարքեր կ՛օգտագործեն, այդ առումով՝ կարելի է սպասել, որ հակամարտութիւնը «օդային» փոփոխութիւններ [...]

January 3rd, 2012

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Մէջ Նորաստեղծ Ընտանիքները Կ՛օգտուին Նպաստէն

Արցախի Մէջ Նորաստեղծ Ընտանիքները Կ՛օգտուին Նպաստէն

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- ԼՂՀ հասարակական ապահովութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով, 2008ին մեկնարկած ամուսնութեան նպաստի (300 հազար դրամ) ծրագիրը պիտի շարունակուի նաեւ 2012ին, իսկ այդ ծրագիրի դադրելու մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Ստեփանակերտի մէջ այս տարուան ընթացքին կնքուած է 383 ամուսնութիւն, իսկ ընթացիկ Դեկտեմբերին՝ 28 ամուսնութիւն:

December 14th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Հրաւիրած Է

ԼՂՀ Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Հրաւիրած Է

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 9ին  հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ մը, որուն օրակարգին վրայ դրուած էին «Հեռուստամարաթոն-2011»ի ընթացքին, բանակաշինութեան ու հանրապետութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան առնչուող հարցեր: Այդ առթիւ, նախագահ Սահակեան յանձնարարականներ փոխանցած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն:

December 9th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Նախագահը Ընդունած է Հայաստանի Սպայակոյտի Պետի Տեղակալները

Արցախի Նախագահը Ընդունած է Հայաստանի Սպայակոյտի Պետի Տեղակալները

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.–  Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 7ին ընդունած է ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետի առաջին տեղակալ, զօրավար-հրամանատար Էնրիքօ Աբրեամովն ու գլխաւոր սպայակոյտի պետի տեղակալ, զօրավար Ստեփան Գալստեանը:
Արցախի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-հրամանատար Մովսէս Յակոբեանի ներկայութեամբ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան վերաբերող հարցեր:

December 7th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Էշթըն Մտահոգ Է Արցախի Տագնապին Ներկայ Վիճակով

Էշթըն Մտահոգ Է Արցախի Տագնապին Ներկայ Վիճակով

ՊԱՔՈՒ.- Հարաւային Կովկաս այցելող Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Քաթրին Էշթըն հարցազրոյց մը ունեցած է ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ. ընթացքին շեշտած է, թէ Ատրպէյճան այցելութեան իր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է առաջ մղել Արցախի հարցով շարունակուող խաղաղութեան բանակցութիւնները:
Էշթըն յայտնած է, թէ Եւրոմիութիւնը կ՛ուզէ իմանալ, թէ կրնա՞յ արդեօք որոշ քայլերու դիմել՝ նպաստելու համար տագնապին խաղաղ [...]

November 15th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախ Դէմ Չէ Ատրպէյճանցիներու Վերադարձին՝ Եթէ…

Արցախ Դէմ Չէ Ատրպէյճանցիներու Վերադարձին՝ Եթէ…

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան մեկնաբանած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի՝ աւստրիական «Տեր Սթանտարտ» պարբերականին ըրած յայտարարութիւնները, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.
«Փոխզիջումային լուծումը, որուն Ատրպէյճանը կրնայ դիմել, Հայաստանի տարածքներու փոխանցում չ՛ենթադրեր: Փոխզիջում կրնայ ըլլալ երկու համայնքներու համատեղ գոյակցութիւնը»: Մեկնաբանելով սոյն յայտարարութիւնը՝ Բաբայեան նշած է, որ անիկա կարելի է բաժնել երկու մասի. [...]

November 14th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ըստ Ֆասիէի՝ Արցախի Տագնապը Կրնայ Լուծուիլ Միայն Խաղաղ Միջոցներով

Ըստ Ֆասիէի՝ Արցախի Տագնապը Կրնայ Լուծուիլ Միայն Խաղաղ Միջոցներով

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ըստ ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան Ստեփանակերտի թղթակիցին, ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէ  Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22ին, Արցախի մէջ յայտարարած է, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն խաղաղ ճանապարհով, իսկ մեր նպատակը վերջնական կարգաւորման համար պայմաններ ստեղծելն է»։
«Երբ մարդիկ կը խօսին պատերազմի եւ ուժի միջոցով հակամարտութեան կարգաւորման մասին, ապա ատիկա չի նպատսեր քննարկումներուն [...]

October 24th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մարտակերտի Շրջանի Վարչակազմը Ունեցաւ Նոր Ղեկավար

Մարտակերտի Շրջանի Վարչակազմը Ունեցաւ Նոր Ղեկավար

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան Հոկտեմբեր 11ին ընդունած որոշումով, Լեւոն Չալեան նշանակուած է Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավար: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

October 11th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բակօ Սահակեան Կը Հետեւի Ստեփանակերտի Ծննդատան Նոր Մասնաշէնքերու Շինարարութեան

Բակօ Սահակեան Կը Հետեւի Ստեփանակերտի Ծննդատան Նոր Մասնաշէնքերու Շինարարութեան

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Սեպտեմբերին այցելած է Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող հանրապետական հիւանդանոցի եւ ծննդատան նոր մասնաշէնքերու շինարարական հրապարակը ու տեղւոյն վրայ ծանօթացած կատարուող աշխատանքներու ընթացքին:
Երկրի ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն, աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:
Այցի ընթացքին նախագահին կ՛ուղեկցէին քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, առողջապահութեան նախարար Սերգէյ Մովսիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

September 27th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պաշտօնապէս Բացուած Է Շուշի Քաղաքի Պռոշեան Փողոցը

Պաշտօնապէս Բացուած Է Շուշի Քաղաքի Պռոշեան Փողոցը

ՇՈՒՇԻ, «Փանորամա».- Շաբաթ, Սեպտեմբերի 17ին, Շուշիի մէջ հանդիսաւոր կերպով տեղի ունեցաւ հիմնանորոգուած Պռոշեան փողոցին բացումը, որուն ֆինանսաւորումը իրականացած է «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Մոնթրէալի տեղական մարմինին կողմէ:
Բացման ներկայ էին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, փոխտնօրէն Արարատ Խլղաթեան, Մոնթրէալի տեղական մարմինի ատենապետ Անդրանիկ Շիրինեան, ԼՂՀ Քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան, Շուշիի քաղաքապետ [...]

September 19th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեք Տարի Առաջ Արցախի Մէջ Հնչած «Աճեցէք, Բազմացէք Եւ Լեցուցէք Երկիրը» Կարգախօսը Իր Պտուղները Տուած Է

Երեք Տարի Առաջ Արցախի Մէջ Հնչած «Աճեցէք, Բազմացէք Եւ Լեցուցէք Երկիրը» Կարգախօսը Իր Պտուղները Տուած Է

Արցախի մէջ հրամայական պահանջք դարձած Աստուածաշունչի պատգամը՝ «Աճեցէք, բազմացէք եւ լեցուցէք երկիրը», մեծ կարեւորութեամբ նկատի առնուեցաւ արցախցի մեր հայրենակիցներէն: Այս մէկը կը հաստատէ երեք տարի ետք Արցախի մէջ նորածիններու թիւի աճը (baby boom), որ յաջորդեց Հոկտեմբեր 2008ին կայացած 200 զոյգերու ամուսնութեան արարողութեան:
Պատերազմի դաշտին վրայ յաղթանակած երկիրը ընկերային-տնտեսական բազմաթիւ խնդիրներ դիմագրաւելով հանդերձ, փորձեց լուծել իր մէկ [...]

September 13th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀՅԴ Երիտասարդական Համահայկական Բանակումը Կ՛աւարտի

ՀՅԴ Երիտասարդական Համահայկական Բանակումը Կ՛աւարտի

ՇՈՒՇԻ.- ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնների համահայկական 11րդ բանակումն աւարտուել է: Դրան մասնակցել են երիտասարդներ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններից, նաեւ՝ Սփիւռքից: Նրանցից շատերն առաջին անգամ էին հայրենիքում, ինչպէս օրինակ՝ Հոլանդիայի եւ Մեծն Բրիտանիայի մասնակիցները: Բանակումի փակման արարողութիւնը Շուշիում էր:
Հայրենասիրութիւնը սկսւում է նաեւ հայրենագնացութիւնից: Միասնական հայութիւնը ամբողջական նուիրում ցուցաբերելու դէպքում կ՛ունենայ հզօր հայրենիք: Այս գիտակցումով [...]

August 16th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Գիրքի Ցուցահանդէս

Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Գիրքի Ցուցահանդէս

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ, 22-27 Օգոստոս, կրթական ոլորտի մասնագէտներուն պիտի ներկայացուին կրթական, ուսումնական, մեթոտաբանական եւ մանկական բազմաբնոյթ գիրքեր ու ձեռնարկներ:
Ձեռնարկը պիտի կայանայ Հայաստանի հրատարակիչներու ազգային ընկերակցութեան եւ ԼՂՀի Կրթութեան ու գիտութեան նախարութեան հետ համատեղ:
Ընկերակցութեան նախագահ Մկրտիչ Կարապետեանի տեղեկութիւններով, այդ օրերուն իրենք պիտի ըլլան ԼՂՀի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր պիտի ներկայացուին վերջին տարիներու [...]

August 9th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ղարաբաղի Մէջ Աւարտեցաւ Միջազգային Թատերական Փառատօնը

Ղարաբաղի Մէջ Աւարտեցաւ Միջազգային Թատերական Փառատօնը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ԼՂՀի մէջ աւարտած է մոնօ-ներկայացումներու «Արմմոնօ» միջազգային թատերական փառատօնը։
ՀՀ թատերական գործիչներու միութեան նախագահ, փառատօնի հիմնադիր Յակոբ Ղազանչեան յայտարարած է, որ «Արմմոնօ»ն միջազգային թատերական փառատօն է, եւ արդէն յաջորդ տարի, միջազգային ամբողջղ կազմը պիտի գտնուի Ղարաբաղի մէջ:
ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան փառատօնի մասնակիցներուն յանձնած է պատուոգիրներ եւ նուէրներ:
ԼՂՀ մշակոյթի նախարարը պարգեւատրուած [...]

July 25th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Իտալացի Քանդակագործները Կը Մասնակցին Շուշիի Գիտաժողովին

Իտալացի Քանդակագործները Կը Մասնակցին Շուշիի Գիտաժողովին

ՍՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի կեդրոնին մէջ, Յուլիս 18ին սկսաւ  «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակի միջազգային առաջին «սիմփոզիոմ»ը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յուլիս 29:
Սիմփոզիոմի մտայղացումը Ֆլորանս բնակող հայաստանցի քանդակագործ Վիգէն Աւետիսինն է, որ նոյնպէս ներկայ էր բացման արարողութեան: Սիմփոզիոմին կը մասնակցին Իտալիոյ գեղարուեստի տարբեր ակադեմիաներու 22 փրոֆեսէօրներ, քանդակագործներ եւ նկարիչներ, ինչպէս նաեւ չորս քանդակագործ՝ Արցախէն:
Պատուաւոր հիւրն է՝ Հռոմի [...]

July 18th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Նախագահին Մօտ Իրականացած Է Կենսաուժանիւթին Նուիրուած Խորհրդակցութիւն

ԼՂՀ Նախագահին Մօտ Իրականացած Է Կենսաուժանիւթին Նուիրուած Խորհրդակցութիւն

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Այսօր».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով, նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ Մայիս 19ին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած երկրին մէջ կենսաուժանիւթի արտադրութեան հետ կապուած հարցերու:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է այլընտրանքային ուժանիւթի զարգացումը՝ ինչպէս առկայ միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման, թափօններու իւրացման, այնպէս ալ շրջակայ միջավայրի պահպանման տեսանկիւնէն:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ երկրին իշխանութիւնները շահագրգռուած [...]

May 19th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

2010ին Արցախի Մէջ Աճած Է Անասնաբուծութիւնը

2010ին Արցախի Մէջ Աճած Է Անասնաբուծութիւնը

ԼՂՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքը 2010ին, 2009ի համեմատ, նուազած է 11.3

March 4th, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Նախագահին Հանդիպումը Փրկարարներու Հետ

ԼՂՀ Նախագահին Հանդիպումը Փրկարարներու Հետ

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 23ին հանդիպած է երկրի փրկարար ծառայութեան ղեկավար անձնակազմին հետ եւ քննարկած՝ այդ գերատեսչութեան գործունէութեան արդիւնքներն ու ընթացիկ տարուան ընելիքները:
Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուցած են փրկարար ծառայութեան տնօրէն Արթուր Յարութիւնեանն ու կառոյցի պատասխանատու աշխատողները:

February 23rd, 2011

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բակօ Սահակեան Բ. Աշխարհամարտի Վեթերաններուն Կը Տրամադրէ 25 Հազարական Դրամ

Բակօ Սահակեան Բ. Աշխարհամարտի Վեթերաններուն Կը Տրամադրէ 25 Հազարական Դրամ

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 25ին ստորագրած է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ հրամանագիր մը, ըստ որուն, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ բնակող Հայրենական մեծ պատերազմի հաշմանդամներուն, մասնակիցներուն եւ պատերազմի ժամանակ զոհուածներու ընտանիքներու անդամներուն՝ թիւով 449 հոգի, 25 հազարական դրամ կը տրամադրուի, իբրեւ նիւթական օժանդակութիւն:

December 27th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ | Read More »

Արցախի Մայրաքաղաքը Այս Տարի Մեծ Շուքով Պիտի Դիմաւորէ Ամանորը

Արցախի Մայրաքաղաքը Այս Տարի Մեծ Շուքով Պիտի Դիմաւորէ Ամանորը

Ըստ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան բաժինի պետ Նարինէ Դադայեանի, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը 2011 տարին կը դիմաւորէ մեծ շուքով։ Տեղի պիտի ունենան ամանորեայ ձեռնարկներ, նուէրներու բաշխում, հրավառութիւն, համերգներ եւ այլն: Դեկտեմբեր 31ի առաւօտեան պիտի սկսի ամանորեայ մշակութային տօնակատարութիւնը, Ձմեռ պապիկն ու Ձիւնանուշը պիտի շրջին ամբողջ քաղաքին մէջ եւ երեխաներուն նուէրներ պիտի բաժնեն:

December 21st, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բ. Սահակեան Եւ Փորեպա Կարեւոր Համարած Են Եւրոպայի Դերը Շրջանի Խաղաղութեան Մէջ

Բ. Սահակեան Եւ Փորեպա Կարեւոր Համարած Են Եւրոպայի Դերը Շրջանի Խաղաղութեան Մէջ

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 19ին ընդունած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հարցերով հիմնական զեկուցող Թոմաշ Փորեպան, քննելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Երկուստեք նշուած է, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, եւ վերջնական կայունութեան

December 20th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ստեփանակերտի Ջրամատակարարման 8րդ Գօտիի Բացման Արարողութիւն

Ստեփանակերտի Ջրամատակարարման 8րդ Գօտիի Բացման Արարողութիւն

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 15ին, մասնակցած է Ստեփանակերտի ջրամատակարարման 8րդ գօտիի ենթակառուցուածքներու շահագործման յանձնուելու հանդիսաւոր արարողութեան:

December 15th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ստեփանակերտի Հանրապետական Հիւանդանոցը Պիտի Գործէ 2011ի Դեկտեմբերին

Ստեփանակերտի Հանրապետական Հիւանդանոցը Պիտի Գործէ 2011ի Դեկտեմբերին

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցած տեղեկութիւններով, Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոցը գործելու պիտի սկսի 2011ի Դեկտեմբերին: Հիւանդանոցը կը կառուցուի քաղաքի գլխաւոր մուտքին մօտ, եւ տեսանելի է քաղաքի բոլոր կողմերէն: Անիկա նախատեսուած է 120 հոգիի համար:

December 8th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սպաննուած Զինուորականին Հարազատները Փորձած Են Վրէժ Լուծել

Սպաննուած Զինուորականին Հարազատները Փորձած Են Վրէժ Լուծել

Ըստ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին, Նոյեմբեր 19ին Հադրութի զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած արիւնահեղութեան հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորական ծառայողներուն հարազատները փորձած են մուտք գործել Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցը, որպէսզի վրէժ լուծեն այնտեղ գտնուող 19ամեայ Մանուէլ Հազրոյեանէն:

December 3rd, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախեան Պատերազմի Ռուս Կամաւորներուն Նուիրուած Շարժապատկեր

Արցախեան Պատերազմի Ռուս Կամաւորներուն Նուիրուած Շարժապատկեր

Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատին մէջ, Նոյեմբեր 12ին ցուցադրուած է «Կամաւորը» անունով վաւերագրական շարժապատկերը՝ նուիրուած Արցախեան պատերազմին մասնակից ռուս կամաւորներուն: Ըստ շարժապատկերի բեմադրիչ Աննա Թովմասեանին, ֆիլմի ցուցադրման աջակցած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը: Կը նախատեսուի յառաջիկային «Կամաւորը» ցուցադրել Երեւանի մէջ:

November 15th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Եւ Արցախի Արխիւային Հաստատութիւնները Կը Համագործակցին

Հայաստանի Եւ Արցախի Արխիւային Հաստատութիւնները Կը Համագործակցին

ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Նոյեմբեր 13ին ընդունած է Հայաստանի Ազգային արխիւի գործադիր տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Արցախ ժամանած է ԼՂՀ Պետական արխիւի 80ամեայ յոբելեանի տօնակատարութեան ներկայ գտ-նուելու համար։

November 15th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հարկային Ոլորտի Մէջ Հայկական Երկու Պետութիւնները Կը Համագործակցին

Հարկային Ոլորտի Մէջ Հայկական Երկու Պետութիւնները Կը Համագործակցին

ՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 11ին ընդունած է ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ ԼՂՀ փոխվարչապետ, ելեւմտական նախարար Սպարտակ Թեւոսեանը եւ հարկային պետական ծառայութեան պետ Արտակ Բալայեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հարկային ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:

November 12th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Իտալացի Լրագրողը Արցախի Մասին Նիւթ Կը Պատրաստէ

Իտալացի Լրագրողը Արցախի Մասին Նիւթ Կը Պատրաստէ

Իտալացի լուսանկարիչ-լրագրող Ֆրանչեսքօ Ալեսի լուսանկարչական նիւթ մը կը պատրաստէ արցախահայութեան կենսակերպին մասին: Վերջերս իտալական Ֆերմօ քաղաքին մէջ, ան արժանացած է «Capodarco» փառատօնի «Լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերագրական շարժապատկեր» անուանակարգի մրցանակին՝ իր «Compania d’Africa» գործով:

November 12th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ստեփանակերտի Մէջ Կը Կայանայ Նարտի Առաջնութիւն

Ստեփանակերտի Մէջ Կը Կայանայ Նարտի Առաջնութիւն

ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր մարմնակրթութեան պետական կոմիտէի աշխատակազմի պատասխանատուներէն Լեւոն Գասպարեան կը յայտնէ, թէ Նոյեմբեր 12-15ի ընթացքին, Ստեփանակերտի մէջ կ՛իրականանայ ԼՂՀ նարտի տղամարդոց առաջնութիւն, որուն կը մասնակցին երեքական մարզիկներ Արցախի բոլոր շրջաններէն, բացառութեամբ՝ Շահումեանի, իսկ Ստեփանակերտէն՝ հինգ մարզիկներ:

November 12th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Դ. Բաբայեանի Կարծիքով՝ Պաքուն Կը Փորձէ Շեղել Միջազգային Հանրութեան Ուշադրութիւնը

Դ. Բաբայեանի Կարծիքով՝ Պաքուն Կը Փորձէ Շեղել Միջազգային Հանրութեան Ուշադրութիւնը

Արցախի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան Նոյեմբեր 9ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ «բռնազաւթուած տարածքները» ազատագրելու մասին տարածուած տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի, Ղարաբաղի ու Հայաստանի միջեւ միջանցք ստեղծելու լուրը, չեն համապատասխաներ իրականութեան: Բաբայեանի խօսքերով, նման հարցեր, առանց Արցախի մասնակցութեան, չեն կրնար ընդգրկուիլ բանակցային գործընթացի օրակարգին մէջ:

November 11th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

20ամեայ Զինուորը Ձոր Իյնալով Մահացած Է

20ամեայ Զինուորը Ձոր Իյնալով Մահացած Է

Նոյեմբեր 11ին Մեղրի քաղաքի «Ծիրանաձոր» թաղամասի մօտակայ սարէն ձոր իյնալով մահացած է զինուորական ծառայութեան մէջ եղող քսանամեայ Իշխան Մովսիսեան, որուն դին դուրս բերած են ահազանգ ստացած փրկարարական ջոկատի աշխատողները։

November 11th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Մէջ Ծնունդներուն Թիւը Կազմած Է 2033, Իսկ Մահացութիւններունը՝ 1002

Արցախի Մէջ Ծնունդներուն Թիւը Կազմած Է 2033, Իսկ Մահացութիւններունը՝ 1002

Ըստ ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մամլոյ գրասենեակին, Արցախի մէջ այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն ծնած է 2033 երեխայ, իսկ մահացութիւններուն թիւը կազմած է 1002։ Ծնած երեխաներուն մէջ կը գերակշռէ արական սեռը՝ 51.9 տոկոս: Բազմապտուղ ծնունդներուն թիւը 18 է, որոնցմէ 17ն՝ երկուորեակ, 1ը՝ եռեակ: Առաջնածին է 752 երեխայ (ծնունդներուն 37.0 տոկոսը), ընտանիքին մէջ ծնած երկրորդ երեխաներուն թիւը 610 է: Ծնունդներու 46.3 տոկոսը արձանագրուած է քաղաքային, իսկ 53.7 տոկոսը՝ գիւղական բնակավայրերու մէջ:

November 11th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Նախագահին Մօտ Քննարկուած Են Քաշաթաղի Խնդիրները

ԼՂՀ Նախագահին Մօտ Քննարկուած Են Քաշաթաղի Խնդիրները

- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 6ին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ ամփոփելու համար Նոյեմբեր 4ին Քաշաթաղ շրջանի հիւսիսային հատուած կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

November 10th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Հողագործներուն 850 Միլիոն Դրամի Վարկ՝ Աշնանացանի Համար

ԼՂՀ Հողագործներուն 850 Միլիոն Դրամի Վարկ՝ Աշնանացանի Համար

ԼՂՀի մէջ առայժմս կատարուած է շուրջ 32,714 հեքթար հերկ, 7823 հա. ցանք, որ նախորդ տարուան ցուցանիշներուն կը զիջի համապատասխանաբար՝ 10,378 եւ 12,137 հեքթարով:

November 10th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ըստ Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարին՝ Բանակցութիւնները Դժուարութեամբ Առաջ Կ՛ընթանան

Ըստ Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարին՝ Բանակցութիւնները Դժուարութեամբ Առաջ Կ՛ընթանան

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան բանակի հրամանատար եւ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու

October 15th, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Այս Տարի Ղարաբաղի Պիւտճէն Մտած Է 13 Միլիառ Դրամ

Այս Տարի Ղարաբաղի Պիւտճէն Մտած Է 13 Միլիառ Դրամ

ԼՂՀ պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկային եկամուտները, տուրքերը եւ պարտադիր հասարակական ապահովութեան վճարումները 2010ի ութ ամիսներուն ընթացքին կազմած են 13 միլիառ 57 միլիոն եւ 531 հազար դրամ, որ ծրագրուած ցուցանիշը գերազանցած է 4.7 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը՝ 13.6 տոկոսով:

September 8th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ | Read More »

Հայաստանի Վարչապետը Կը Մասնակցի ԼՂՀ Անկախութեան Օրուան Ձեռնարկներուն

Հայաստանի Վարչապետը  Կը Մասնակցի ԼՂՀ Անկախութեան Օրուան Ձեռնարկներուն

Սեպտեմբեր 2ին, ԼՂՀ անկախութեան հռչակման 19րդ տարեդարձին առիթով ԼՂՀ ժամանած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը դիմաւորուած են ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի կողմէ:

September 2nd, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ | Read More »

«Հայաստան» Հիմնադրամը Ջուր Կը Հասցնէ Արցախի Աւետարանոց Գիւղը

«Հայաստան» Հիմնադրամը Ջուր Կը Հասցնէ Արցախի Աւետարանոց Գիւղը

Ըստ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տուեալներուն, հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի եւ ԼՂՀ կառավարութեան միացեալ հովանաւորութեամբ, կը կառուցուի Ղարաբաղի Ասկերան շրջանի Աւետարանոց գիւղի ջրամատակարարման համակարգը, որուն առնչութեամբ, արդէն իսկ ընթացքի մէջ են հողային աշխատանքները։

August 3rd, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պատերազմի Պարագային՝ Արցախեան Ուժերը Կրնան Թշնամիի Տարածքի Խորքերը Թափանցել

Պատերազմի Պարագային՝ Արցախեան Ուժերը Կրնան Թշնամիի Տարածքի Խորքերը Թափանցել

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, «Ինթըրֆաքս» ռուսական լրատու գործակալութեան տուած է հարցազրոյց մը, որուն մէջ անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններ սկսելու սպառնալիքներուն՝ յայտնած է, որ ինք չի բացառեր նման հաւանականութիւն:

July 30th, 2010

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Մէջ Վնասազերծուած Է Հակահրասայլային 9 Ական

Արցախի Մէջ Վնասազերծուած Է Հակահրասայլային 9 Ական

«The HALO Trust» բրիտանական կազմակերպութեան ղարաբաղեան կառոյցի սակրաւորներուն (ականազերծողներու) կողմէ վերջերս ԼՂՀ Մարտունի քաղաքին մօտ յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է հակահրասայլային 9 ական:

March 16th, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ըստ Դ. Իշխանեանի՝ Դաշնակցութեան Մօտեցումները Լիովին Կ՛արտայայտեն Հայ Ժողովուրդին Կամքը

Ըստ Դ. Իշխանեանի՝ Դաշնակցութեան Մօտեցումները Լիովին Կ՛արտայայտեն Հայ Ժողովուրդին Կամքը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 120ամեակին առիթով, ՀՅԴ Արցախի Կեդր. կոմիտէի որոշումով, 2010ը յայտարարուած է ՀՅԴ 120ամեակի տօնակատարութիւններու տարի, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած են շարք մը հանդիսութիւններ:

March 15th, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ըստ Բակօ Սահակեանի՝ Արցախի Հարցը Կարելի Չէ Լուծել Առանց ԼՂՀի Մասնակցութեան

Ըստ Բակօ Սահակեանի՝ Արցախի Հարցը Կարելի Չէ Լուծել Առանց ԼՂՀի Մասնակցութեան

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 13ին հանդիպում մը ունեցած է Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին հետ։ Տարաբնոյթ հարցերու կողքին, նախագահը անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման։

March 15th, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Օտարներ Հետզհետէ Աւելի Շատ Կը Հետաքրքրուին Արցախով

Օտարներ Հետզհետէ Աւելի Շատ Կը Հետաքրքրուին Արցախով

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, 2009ին Ղարաբաղ այցելած օտարներուն ընդհանուր թիւը՝ 2008ի համեմատ, աւելցած է 10 տոկոսով՝ հակառակ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին:

March 2nd, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ատրպէյճան 76 Անգամ Խախտած Է Հրադադարը

Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ատրպէյճան 76 Անգամ Խախտած Է Հրադադարը

ԼՂ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ, ատրպէյճանցիներուն կողմէ արձանագրուած է հրադադարի խախտման 76 դէպք՝ հարաւ-արեւելեան, կեդրոնական, հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով:

February 22nd, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ատրպէյճան Կ՛ամբաստանէ Ղարաբաղը Զինադադարը Խախտելու Յանցանքով

Ատրպէյճան Կ՛ամբաստանէ Ղարաբաղը Զինադադարը Խախտելու Յանցանքով

Ատրպեճանական մամլոյ գործակալութիւնը (ԱՓԱ), վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ Էլտար Սապիրօղլուի խօսքերը՝ հաղորդած է, թէ Յունուար 18ին, ղարաբաղեան կողմը խախտած է հրադադարը, եւ սահմանագիծի վրայ, Թարթար շրջանի Կապանլի գիւղին մօտ, տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով 3 ատրպէյճանցի զինուորներ մեռած են, 2 ուրիշներ՝ վիրաւորուած: Սապիրօղլու յայտարարած է նաեւ, թէ հայկական կողմը աւելի մեծ թիւով կորուստներ ունեցած է:

February 20th, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Արցախի Մէջ Աշխատող Մասնագէտներուն Պիտի Ցուցաբերուի Պետական Աջակցութիւն

Արցախի Մէջ Աշխատող Մասնագէտներուն Պիտի Ցուցաբերուի Պետական Աջակցութիւն

Փետրուար 16ին, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի կողմէ հրաւիրուած խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր Ղարաբաղի բնակավայրեր հրաւիրուած մասնագէտներուն պետական աջակցութեան ծրագրի իրականացման:

February 18th, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ղարաբաղի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ՝ Մայիս 23ին

Ղարաբաղի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ՝ Մայիս 23ին

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 5ին ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2010ի Մայիս 23ին:

February 5th, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Գնահատած Է Ներդրումային Հիմնադրամի Գործը

ԼՂՀ Նախագահը Գնահատած Է Ներդրումային Հիմնադրամի Գործը

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, Փետրուար 1ին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած Արցախի ներդրումային հիմնադրամին կողմէ 2009ին իրականացած աշխատանքներուն։

February 3rd, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Ատրպէյճանի Պետական Ահաբեկչութիւնն Ու Էթնիկական Զտումների Քաղաքականութիւնը» Միջազգային Համաժողովը՝ Արցախի Մէջ

«Ատրպէյճանի Պետական Ահաբեկչութիւնն Ու Էթնիկական Զտումների Քաղաքականութիւնը» Միջազգային Համաժողովը՝ Արցախի Մէջ

ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արցախի պետական համալսարանի

February 1st, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Հայաստան» Հիմնադրամը Սօս Գիւղի Խմելու Ջուրի Հարցը Կ՛ուզէ Լուծել

«Հայաստան» Հիմնադրամը Սօս Գիւղի Խմելու Ջուրի Հարցը Կ՛ուզէ Լուծել

Հովանաւորութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնին եւ ԼՂՀ կառավարութեան, 2009ի Հոկտեմբերին, ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Սօս գիւղին մէջ սկսած են խմելու ջուրի ներքին ցանցի կառուցման եւ չգործող հին ջրամբարի վերանորոգման աշխատանքները:

February 1st, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Լաւրով Եւ Քլինթըն Քննարկած Են Ղարաբաղի Հիմնահարցը

Լաւրով Եւ Քլինթըն Քննարկած Են Ղարաբաղի Հիմնահարցը

Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, Լոնտոնի մէջ ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի հետ հանդիպման ընթացքին, Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը հեշտ չէ, բայց խնդիրը լուծելու համար առկայ է կողմերուն ցանկութիւնը:

January 28th, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Բակօ Սահակեան Կ՛ակնկալէ Շուշիի Աշխատանքներու Լայն Լուսաբանում

Բակօ Սահակեան Կ՛ակնկալէ Շուշիի Աշխատանքներու Լայն Լուսաբանում

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 22ին հանդիպում մը ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութեան հետ, զոր կը գլխաւորէր գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

January 26th, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԼՂՀ Ընկերային Ապահովութեան Նախարարը Ներկայացուցած Է 2009ի Աշխատանքները

ԼՂՀ Ընկերային Ապահովութեան Նախարարը Ներկայացուցած Է 2009ի Աշխատանքները

ԼՂՀ հասարակական հարցերու ապահովութեան նախարար Նարինէ Ասծատրեանի՝ Յունուար 20ին տուած մամլոյ ասուլիսը նուիրուած էր նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքներուն՝ 2009ի ընթացքին։

January 25th, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ատրպեճանական Սահմանագիծի Վրայ Դիտարկումը Անսպասելիօրէն Դադրած Է

Ատրպեճանական Սահմանագիծի Վրայ Դիտարկումը Անսպասելիօրէն Դադրած Է

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մամլոյ ծառայութեան, Յունուար 22ին ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը սկսած է ծրագրային դիտարկում իրականացնելու Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու շփման գիծի՝ Ասկերանի ուղղութեամբ:

January 25th, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Նախագահ Բակօ Սահակեան Կը Շեշտէ. Արցախի Անկախութիւնը Սակարկելի Չէ

Նախագահ Բակօ Սահակեան Կը Շեշտէ. Արցախի Անկախութիւնը Սակարկելի Չէ

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 17ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատքին։ Վերջինս ԼՂՀ հասնելու նախօրէին՝ Յունուար 16ին, հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին մասին։

January 18th, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

ԼՂՀ ՊԲ Սպայակազմի 188 Ընտանիքներ Բնակարաններով Ապահովուած Են

ԼՂՀ ՊԲ Սպայակազմի 188 Ընտանիքներ Բնակարաններով Ապահովուած Են

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան Յունուար 14ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, թէ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը չէ խանգարած 2009ին ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) զինուորականներուն բնակարանային պայմաններու բարելաւման ծրագրին: Ըստ նախարարին, անցնող տարիներու 134ի փոխարէն՝ 2009ին նոր բնակարան ստացած է 188 ընտանիք:

January 16th, 2010

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Պաքուի Եւ Սումկայիթի Ջարդերը Կրնան Կրկնուիլ՝ Կ՛ահազանգէ ԼՂՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը

Պաքուի Եւ Սումկայիթի Ջարդերը Կրնան Կրկնուիլ՝ Կ՛ահազանգէ ԼՂՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը Պաքուի մէջ իրականցուած հայերու ջարդի քսաներորդ տարելիցի առթիւ երէկ յայտարարութիւնը մը հրապարակած է, ուր կ՛ըսուի.

January 13th, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ղարաբաղի Մէջ Կատարուած է 13.1 Միլիառ Դրամի Շինարարութիւն

Ղարաբաղի Մէջ Կատարուած է 13.1 Միլիառ Դրամի Շինարարութիւն

Դեկտեմբեր 29ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, խօսելով տարուայ յաջողութիւններուն մասին՝ անդրադարձած է նաեւ հանրապետութեան մէջ իրականացած շինարարութեան աննախադէպ ծաւալին մասին

December 30th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԼՂՀ Վարչապետը Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Գծով Ձեռքբերում Չէ Նկատած

ԼՂՀ Վարչապետը Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Գծով Ձեռքբերում Չէ Նկատած

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը 2009ի ընթացքին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ ոչ մէկ յստակ ձեռքբերում չի տեսներ:
Խօսելով բանակցային գործընթացի մասին, վարչապետը յայտնած է, որ Ղարաբաղը պաշտօնապէս չի մասնակցիր կարգաւորման գործընթացին, թէեւ տեղեակ է թէ ինչ կը կատարուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:

December 29th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԼՂՀ Ազգային Ժողովը Կը Հաստատէ Գալ Տարուան Պիւտճէն

ԼՂՀ Ազգային Ժողովը Կը Հաստատէ Գալ Տարուան Պիւտճէն

ԼՂՀ ազգային ժողովի Դեկտեմբեր 29ին, իր արտահերթ նիստին ընթացքին, հաստատած է ԼՂՀ 2010ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որուն վերաբերեալ, նոյն օրը, մամլոյ ասուլիս տուած է վարչապետ Արա Յարութիւնեան։

December 29th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Խոզի Կրիփ»ը Հասած է Նաեւ Արցախ

«Խոզի Կրիփ»ը Հասած է Նաեւ Արցախ

ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան տուած տեղեկութիւններուն համաձայն‘ հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է «խոզի կրիփ»ի 4 դէպք՝ երկու երեխայ եւ երկու մեծահասակ:

December 28th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ղարաբաղի Մէջ «Խոզի Կրիփ» Չկայ

Ղարաբաղի Մէջ «Խոզի Կրիփ» Չկայ

ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան տուած տեղեկութիւններով, Ղարաբաղի մէջ «խոզի կրիփ»ով հիւանդներ չկան, սակայն, նախորդ տարուան համեմատ՝ 4.5 անգամ աճած է շնչառական ուղիներու հիւանդութիւններուն թիւը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ մէկ շաբաթով փակուած են հանրապետութեան մանկապարտէզներն ու դպրոցները:

December 21st, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ըստ Բ. Սահակեանի՝ Միշտ Բարձր Պիտի Պահուի Բանակի Մարտունակութիւնը

Ըստ Բ. Սահակեանի՝ Միշտ Բարձր Պիտի Պահուի Բանակի Մարտունակութիւնը

ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 19ին ներկայ եղած է հանրապետութեան հարաւային պաշտպանական շրջանին մէջ իրականացուող

December 21st, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ամանորեայ Նուէր Ստեփանակերտցիներուն

Ամանորեայ Նուէր Ստեփանակերտցիներուն

Անցեալ Կիրակի, Դեկտեմբերի 19ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ կեդրոնի մը բացումը, կեդրոն մը, որ բազմաճիւղ ծառայութիւններ պիտի մատուցէ Արցախի մայրաքաղաքի բնակչութեան:

December 21st, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ապիեւ Կը Սպառնայ Արցախի Հարցը «Այլ Միջոցներով» Լուծել

Ապիեւ Կը Սպառնայ Արցախի Հարցը «Այլ Միջոցներով» Լուծել

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ին հանդիպում մը ունեցած է Եւրոպայի մէջ ամերիկեան հակօդային ուժերու հրամանատար զօր. Ռաճըր Պրէյտիի հետ, որմէ ետք յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ապարդիւն բանակցութիւնները Ատրպէյճանը կը դնեն տագնապին լուծման այլընտրանքային ճանապարհներ որոնելու պարտադրանքին տակ:

December 8th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Արցախի Վարչապետը Առաջնորդարան Այցելեց

Արցախի Վարչապետը Առաջնորդարան Այցելեց

Շուշիի նուիրուած թելեթոնին համար Լոս Անճելըս գտնուող Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24ին այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցաւ թեմի ժողովականութեան կրօնական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներուն կողմէ

December 4th, 2009

| Posted in Արցախ, Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԸՍՏ ԳԷՈՐԳԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ- Հայաստան Խստացուցած Է Իր Դիրքերը

ԸՍՏ ԳԷՈՐԳԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ- Հայաստան Խստացուցած Է Իր Դիրքերը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Նոյեմբերի 25ի լիագումար նիստին, կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի ընթացքին, պատգամաւոր Գեղամ Բաղդասարեան արտաքին գործերու նախարար Գէորգի Պետրոսեանին հարցուցած է, թէ արդեօ՞ք

November 30th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ատրպէյճան Կը Խախտէ Հրադադարը

Ատրպէյճան Կը Խախտէ Հրադադարը

Ղարաբաղ-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի շարք մը հատուածներու վրայ Նոյեմբեր 21–23 արձանագրուած են հրադադարի վարչաձեւի խախտման

November 23rd, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Հայաստան» Հիմնադրամին Համար 2 Միլիոն Տոլար Կը Հանգանակուի

«Հայաստան» Հիմնադրամին Համար 2 Միլիոն Տոլար Կը Հանգանակուի

Շուշիի վերակառուցման համար նախատեսուած համահայկական հանգանակութիւնը համակարգող Արցախի հանրապետական շտապէն ստացած տուեալներուն համաձայն, Նոյեմբեր 20ի դրութեամբ

November 23rd, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ըստ ԼՂՀ Վարչապետին՝ Արցախի Անկախութեան Միջազգային Ճանաչումը Ժամանակի Խնդիր է

Ըստ ԼՂՀ Վարչապետին՝ Արցախի Անկախութեան Միջազգային Ճանաչումը Ժամանակի Խնդիր է

ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան Նոյեմբեր 18ին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Ասպարեանի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրայր Պարոնեանի հետ

November 19th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ղարաբաղ Կ՛արձագանգէ Ատրպեճանական Հերթական Սուտ Տեղեկատուութեան

Ղարաբաղ Կ՛արձագանգէ Ատրպեճանական Հերթական Սուտ Տեղեկատուութեան

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը հերքէ ատրպեճանական մամուլի մէջ վերջերս լոյս տեսած Արցախի տարածքին ազերիներու գերեզմանները քանդելու մասին տեղեկագրութիւն մը:

November 18th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Արցախի Վարչապետը Հանդիպումներ Կ՛ունենայ ԱՄՆի Մէջ

Արցախի Վարչապետը Հանդիպումներ Կ՛ունենայ ԱՄՆի Մէջ

ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Նոյեմբեր 16ին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

November 18th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Հայաստան 10 Նոր Համակարգիչ Կը Նուիրէ Ասկերանի Դպրոցներուն

Հայաստան  10 Նոր Համակարգիչ Կը Նուիրէ Ասկերանի Դպրոցներուն

 
  ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ԼՂՀ Ասկերան շրջանի Էդմոն Բարսեղեանի անուան դպրոցին նուիրած է 10 նոր համակարգիչ։ Ըստ դպրոցի տնօրէն Ռոմելա Գրիգորեանին, աւագ դպրոցի կարգավիճակ ստացած դպրոցին մէջ ստեղծուած է համակարգչային սենեակ, որուն բացման ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան։

November 17th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ղարաբաղի Վարչապետը Դժգոհ է Հացահատիկի Բերքատուութենէն

Ղարաբաղի Վարչապետը Դժգոհ է Հացահատիկի Բերքատուութենէն

Արցախի գիւղատնտեսութեան ոլորտի պատասխանատուները Նոյեմբեր 13ին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանին մօտ իրականացուցած են գիւղատնտեսական շարք մը հարցերու վերաբերեալ քննարկումներ:

November 16th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Թուրք Լրագրողը Ղարաբաղը Հարիւր Տոկոսով Հայկական Տարածք Կը Նկատէ

Թուրք Լրագրողը Ղարաբաղը Հարիւր Տոկոսով Հայկական Տարածք Կը Նկատէ

«Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան տուած տեղեկութիւններով՝ Արցախ այցելած թուրք լրագրողը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը հանդիսանայ բացառապէս հայկական տարածք։

November 16th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ըստ Արցախցի Կուսակցապետին, Թուրքիա Կը Փորձէ Զիջումներ Պարտադրել Հայաստանին

Ըստ Արցախցի Կուսակցապետին, Թուրքիա Կը Փորձէ Զիջումներ Պարտադրել Հայաստանին

Արմենական» կուսակցութեան ղեկավար, ԼՂՀ քաղաքային ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Բորիս Առուշանեանի կարծիքով՝

November 12th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ՀՕՄի Ղեկավարները Կը Հանդիպին Արցախի Վարչապետին Հետ

ՀՕՄի Ղեկավարները Կը Հանդիպին Արցախի Վարչապետին Հետ

Նոյեմբեր 5ին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան ներկայացուցիչներ՝ Վիքի Մարաշլեանը, Ժիրայր Պէօճէքեանը եւ Մարգարիտա Թարանեանը:

November 5th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ըստ ԼՂՀ Վարչապետին՝ Արցախը Պատրաստ Չէ Տարածքներ Զիջելու

Ըստ ԼՂՀ Վարչապետին՝ Արցախը Պատրաստ Չէ Տարածքներ Զիջելու

Հոկտեմբեր 31ին Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան երրորդ համագումարը, որու ընթացքին շեշտուեցաւ, թէ կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մշակել Արցախի զարգացման լրջօրէն հիմնաւորուած ծրագիր, որ ժողովուրդի հաւանութեան արժանանալէ ետք պիտի ներկայացուի երկրի նախագահին:

November 2nd, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԼՂՀ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Կասկածի Տակ Դնողները՝ Յանցագործներ

ԼՂՀ Տարածքային Ամբողջականութիւնը  Կասկածի Տակ Դնողները՝ Յանցագործներ

Չորեքշաբթի օր, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նիստի աւարտին, յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «ՀՅԴ-Շարժում 88» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանը:

October 28th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Եւրոմիութիւնը Պատրաստ Է Նպաստելու Արցախի Տագնապին Լուծման

Եւրոմիութիւնը Պատրաստ Է Նպաստելու Արցախի Տագնապին Լուծման

Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Նիստին ներկայ եղած են Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլթ

October 27th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ՀՀ Եւ ԼՂՀ Իշխանութիւնները Հերքած Են Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը

ՀՀ Եւ ԼՂՀ Իշխանութիւնները Հերքած Են Տաւութօղլուի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 21ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խորհրդարանական իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման թեմային եւ որպէս նորութիւն յայտնած՝

October 22nd, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Արցախի Քաղաքական Ուժերը Մտահոգ՝ Հայ-Թրքական Կապերու Զարգացումով

Արցախի Քաղաքական Ուժերը Մտահոգ՝ Հայ-Թրքական Կապերու Զարգացումով

Երկուշաբթի օր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Դաշնակցութեան գրասենեակին մէջ հաւաքուած են Արցախի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները,

October 20th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ալիեւի Համաձայն, Արցախի Անկախութիւնը Սակարկելի Չէ

Ալիեւի Համաձայն, Արցախի Անկախութիւնը Սակարկելի Չէ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին քանի մը օրերուն սկսած է գանգատիլ Թուրքիոյ վաճառուած բնական կազի ցած գինէն եւ կը քննէ զայն բարձրացնելու կարելիութիւնը

October 19th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Մինսկի Խումբը Որեւէ Փաստաթուղթի Ստորագրութիւն Չ՛ակնկալեր Քիշինեւի Մէջ

Մինսկի Խումբը Որեւէ Փաստաթուղթի Ստորագրութիւն Չ՛ակնկալեր Քիշինեւի Մէջ

Ատրպեճանական «Վեսթի.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ հանդիպումները աւարտելէ ետք, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպում ունեցած են լրագրողներու հետ եւ յոյս յայտնած,

October 6th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ըստ Ֆասիէի՝ Բանակցութիւններուն Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Կախեալ Է Ատրպէյճանէն

Ըստ Ֆասիէի՝ Բանակցութիւններուն Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Կախեալ Է Ատրպէյճանէն

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2ին, Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի, Եուրի Մերզլեաքով եւ Պեռնար Ֆասիէ, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած են Լեռնային Ղարաբաղի

October 2nd, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԸՍՏ ԼՂՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանին Տուած Խոստումներուն Պատանդ Դարձած Է

ԸՍՏ ԼՂՀ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանին Տուած Խոստումներուն Պատանդ Դարձած Է

ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարար Գէորգի Պետրոսեան հարցազրոյց մը տուած է թրքական NTV հեռատեսիլի ալիքի թղթակիցին

September 24th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Արցախի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ Վերընտրուեցաւ Կիմ Գաբրիէլեանը

Արցախի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ Վերընտրուեցաւ Կիմ Գաբրիէլեանը

Սեպտեմբեր 13ին տեղի ունեցած է Արցախի Լրագրողներու միութեան 3րդ համագումարը, որուն ընթացքին համագումարի մասնակիցները քննարկած են Ղարաբաղի լրատուական դաշտին

September 14th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ըստ Արցախի ՀՅԴին՝ Հայ-Թուրք Նոր Զարգացումները Կրնան Վնասել Իրանի Հետ Կապերուն

Ըստ Արցախի ՀՅԴին՝ Հայ-Թուրք Նոր Զարգացումները Կրնան Վնասել Իրանի Հետ Կապերուն

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին, ՀՅԴ Արցախի կառոյցին կողմէ հրաւիրուած մամուլի ասուլիսը նուիրուած էր հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այդ կապակցութեամբ տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն

September 11th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ղարաբաղ Կը Հերքէ Աղդամի Մօտ Կռիւի Մասին Ատրպէյճանի Հաղորդումը

Ղարաբաղ Կը Հերքէ Աղդամի Մօտ Կռիւի Մասին Ատրպէյճանի Հաղորդումը

Ատրպեճանական լրատու գործակալութիւններ երէկ հրապարակած են լուր մը, ըստ որուն Աղդամ ճակատին վրայ ատրպեճանական բանակը ետ մղած է հայկական ուժերու կողմէ

September 10th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ղարաբաղը Պատրաստ Է Աշխատելու Մինսկի Խումբի Նոր Նախագահին Հետ

Ղարաբաղը Պատրաստ Է Աշխատելու Մինսկի Խումբի Նոր Նախագահին Հետ

Իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ՝ Ռապըրթ Պրատթքէի նշանակման վերաբերեալ

September 9th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահներուն Առանձնազրոյցը

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահներուն Առանձնազրոյցը

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Սեպտեմբեր 3ին առանձնազրոյց մը ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ,

September 3rd, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԱՐՑԱԽ- Անկախութեան 18րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնները ԼՂ Հանրապետութեան Մէջ

ԱՐՑԱԽ- Անկախութեան 18րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնները ԼՂ Հանրապետութեան Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան 18րդ տարեդարձին առիթով, Սեպտեմբերի 2ին Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ իրականացած է

September 2nd, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Նախագահ Սարգսեան Կը Մասնակցի ԼՂՀ Անկախութեան Տօնակատարութեան

Նախագահ Սարգսեան Կը Մասնակցի ԼՂՀ Անկախութեան Տօնակատարութեան

Սեպտեմբեր 1ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մեկնած է Ստեփանակերտ՝ մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման տօնակատարութիւններուն, որոնք սկսած են նոյն օրը։

September 1st, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Սահակեան Չի Հաւատար Արցախի Բանակցութեանց Գնահատականին

Սահակեան Չի Հաւատար Արցախի Բանակցութեանց Գնահատականին

Հայաստանէն Արցախ ուխտագնացութեան մեկնած երկրապահներու հետ հանդիպման ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան,

August 28th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Արցախի Մէջ Երեք Նոր Մանկապարտէզներ Կը Բացուին

Արցախի Մէջ Երեք Նոր Մանկապարտէզներ Կը Բացուին

Օգոստոս 18ի ԼՂՀ կառավարութեան նիստի ընթացքին, հաւանութեան արժանացած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանի ներկայացուցած նախագիծը,

August 19th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայաստանցի Զբօսաշրջիկներուն Առաջին Խումբը Մեկնած Է Արցախ

Հայաստանցի Զբօսաշրջիկներուն Առաջին Խումբը Մեկնած Է Արցախ

Օգոստոս 17ին Արցախ մեկնած է 61 հոգիներէ կազմուած զբօսաշրջիկներու առաջին խումբը՝ իրականացնելով ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ Հայաստանի զբօսաշրջութեան

August 17th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Արցախի Մէջ 16 Տոկոսով Աճած Է Ծնունդներուն Թիւը

Արցախի Մէջ 16 Տոկոսով Աճած Է Ծնունդներուն Թիւը

Օգոստոս 13ի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ներկայացնելով այս տարուան առաջին կիսամեակի ժողովրդագրական տուեալները՝ ԼՂՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան պետ Մանուշ Մինասեան յայտարարած է

August 14th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ղարաբաղը Շտապողականութիւնը Վնասակար Կը Նկատէ Կարգաւորման

Ղարաբաղը Շտապողականութիւնը Վնասակար Կը Նկատէ Կարգաւորման

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի պատասխանատու Մարսէլ Պետրոսեան,

August 13th, 2009

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ղարաբաղը Կը Պատրաստուի Անկախութեան Տարեդարձին

Ղարաբաղը Կը Պատրաստուի Անկախութեան Տարեդարձին

Սեպտեմբեր 2ին Ղարաբաղի մէջ պիտի նշուի ԼՂՀ հռչակման 18րդ տարեդարձը, որուն համար տօնակատարութիւններու կը պատրաստուին

August 12th, 2009

| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »