Home » ՀայաշխարհYou are browsing entries filed in “Հայաշխարհ”

Լիլիթ Գալստեան Կը Հեռանայ Ազգային Ժողովէն, Ոչ՝ Քաղաքականութենէն

Լիլիթ Գալստեան Կը Հեռանայ Ազգային Ժողովէն, Ոչ՝ Քաղաքականութենէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան ըսաւ, որ թէեւ կը հեռանայ Հայաստանի խորհրդարանէն, սակայն պիտի չհեռանայ քաղաքականութենէն։
«Քաղաքականութիւնից իմ հեռանալու մասին լուրերը չափազանցուած են, ես մնալու եմ քաղաքականութեան մէջ: Ես ոչ միայն 23 տարուայ դաշնակցական եմ, ես նաեւ իմ հայեացքներով եւ իմ մօտեցումներով շարունակելու եմ լինել քաղաքականութեան մէջ», հաստատած է ան։
Լիլիթ Գալստեանը դիտել [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեւանի Եւ Մարզերուն Մէջ ՀՅԴի Ստացած Քուէներուն Տոկոսը

Երեւանի Եւ Մարզերուն Մէջ ՀՅԴի Ստացած Քուէներուն Տոկոսը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին տոկոսային յարաբերակցութեամբ, մարզերուն եւ Երեւանի մէջ ստացած է համեմատաբար հաւասարաչափ աջակցութիւն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴի արդիւնքները՝ տոկոսային յարաբերակցութեամբ, ըստ մարզերուն։ Տոկոսային ցուցանիշին մէջ նկատի առնուած են 6 Մայիսի ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքական կուսակցութիւններուն եւ դաշինքին տրուած 100 առ հարիւր «կողմ» քուէները:
Վայոց Ձորի մարզ՝ 6.79 առ հարիւր, Գեղարքունիքի մարզ՝ 6.67, [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բնապահպանները Յաղթանակ Կը Տօնեն

Բնապահպանները Յաղթանակ Կը Տօնեն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».- Բնապահպանները Մաշտոցի պուրակին մէջ առեւտուրի տաղաւարներու տեղադրման դէմ իրենց 90օրեայ պայքարի յաղթանակը համերգային կատարումներով տօնեցին, Կիրակի Մայիս 13ին:

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Մարիոթ»ը Կրնայ Իր Գործունէութիւնը ԸնդարձակԵլ Հայաստանի Մէջ

«Մարիոթ»ը Կրնայ Իր Գործունէութիւնը ԸնդարձակԵլ Հայաստանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Մարիո»չ պանդոկներու միջազգային ցանցի Արեւելեան Եւրոպայի եկամուտներու կառավարման տնօրէն Սթիւ Հորուասը յայտնած է, որ «Մարիո»չը կրնայ Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը ընդարձակել եւ նոր պանդոկ բանալ։ Ան դիտել տուած է, որ նման քայլ մը երբեք բացառուած չէ, բայց պէտք է այդ մէկը իմաստ ունենայ։ «Պէտք է ուսումնասիրենք շուկան, նկատի առնենք պահանջքը, ապա որոշում տանք։ [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Դիմատետրի Վրայ Աշխոյժ Ներկայութիւն Ունեցող Պաշտօնեաներ

Դիմատետրի Վրայ Աշխոյժ Ներկայութիւն Ունեցող Պաշտօնեաներ

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները նախընտրական շրջանին համեմատաբար աշխոյժ եղած են Դիմատետր ընկերային ցանցին վրայ (Ֆէյսպուք)։ «Ֆէյսպուքը՝ նախընտրական հարթակ» հետազօտութեան երկրորդ հանգրուանի արդիւնքները (Ապրիլ 8 – Մայիս 4՝ քարոզարշաւ, Մայիս 6՝ ընտրութիւններու օր) ներկայացուցած է «Ռեգիոն» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Լաուրա Բաղդասարեանը:
Այս ցանցին վրայ աշխուժութեան իմաստով առաջատար եղած է «Ժառանգութեան» անդամ [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստան Կը Մասնակցի Քաննի Փառատօնին

Հայաստան Կը Մասնակցի Քաննի Փառատօնին

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփոր»չ.- 16 Մայիսին ընթացք առած է Քաննի 65րդ շարժապատկերի փառատօնը:  Արդէն 4րդ  տարին  ըլլալով Հայաստան իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս փառատօնին՝ տեղական արտադրութեամբ ժապաւէններ ներկայացնելով Քաննի արտամրցութային  շարժապատկերի շուկային մէջ: 15 Մայիսին այս նպատակով Քանն պիտի ուղղուի Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի պատուիրակութիւնը՝ կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանի գլխաւորութեամբ։ Գէորգ Գէորգեան այս գծով ըսած է, որ  [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Պատկերը, Ըստ Կուսակցական Բաժանումի

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Պատկերը, Ըստ Կուսակցական Բաժանումի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները արդէն վերջնականացած են: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հաստատած է համամասնական եւ մեծամասնական խորհրդարանական աթոռները։  Ըստ անոնց, Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն կը կազմէ՝ համամասնական 40 եւ մեծամասնական 29 աթոռներով (69): Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը 28 համամասնական եւ 9 մեծամասնական աթոռ պիտի ունենայ (37), «Հայ Ազգային Կոնգրես» դաշինքը՝ 7 համամասնական, [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ցեղասպանութեան Թանգարանին Մէջ Հայերուն Օգնած Թուրքերուն Նուիրուած Բաժին Պիտի Բացուի

Ցեղասպանութեան Թանգարանին Մէջ Հայերուն Օգնած Թուրքերուն Նուիրուած Բաժին Պիտի Բացուի

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը պատմական քայլ մը պիտի կատարէ: Արդարեւ, թանգարանին մէջ պիտի բացուի 1915ի տեղահանութիւններու եւ սպանութիւններու ընթացքին հայերուն օգնած թուրքերուն նուիրուած բաժին մը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը, այս մասին թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ 2008էն սկսեալ, թանգարան թուրք այցելուներուն թիւը աւելցած է. [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Ամերիա»ն Իրականացնում Է «Դատարանների Մոնիթորինգի Ծառայութիւններ» Ծրագիրը

«Ամերիա»ն Իրականացնում Է «Դատարանների Մոնիթորինգի Ծառայութիւններ» Ծրագիրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ամերիա» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը (ՓԲԸ) Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան «Դատաիրաւական ծրագրերի իրականացման գրասենեակ» պետական հիմնարկի պատուէրով իրականացնում է «Դատարանների մոնիթորինգի ծառայութիւններ» ծրագիրը: Ներկայացուած ծրագիրը ֆինանսաւորւում է Համաշխարհային բանկի կողմից՝ Ճապոնիայի կառավարութեան կողմից յատկացուած դրամաշնորհային միջոցներով:
Նախատեսւում է միջազգային լաւագոյն փորձի հիման վրայ մշակել դատարանների գործունէութեան մոնիթորինգի մեթոդաբանութիւն եւ Հայաստանում ներդնել նման համակարգ: Արդարադատութեան համակարգի արդիւնաւէտութեան, [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ռուսիա Մինչեւ Տարեվերջ 64 Ռազմական Ուղղաթիռներ Պիտի Յանձնէ Ատրպէյճանի

Ռուսիա Մինչեւ Տարեվերջ 64 Ռազմական Ուղղաթիռներ Պիտի Յանձնէ Ատրպէյճանի

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- 2010ին գոյացած համաձայնագիրով մը, Ռուսիա մինչեւ այս տարուան վերջաւորութիւնը, 64 ռազմական ուղղաթիռներ պիտի յանձնէ Ատրպէյճանի իշխանութեանց:
Ռուսական «Գազան» եւ «Ռոսվերթոլ» ընկերութիւնները կ՛աշխատին ամբողջացնել ուղղաթիռներու այս համաձայնագիրին պայմանները:
Ատրպէյճան այս համաձայնագիրով, «Mi-17-V1» տիպի 40 եւ «24 Mi-35M» տիպի 24 ռազմական ուղղաթիռներ պիտի ստանայ:

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀՀԿը Տակաւին Չէ Քննարկած Համաձայնական Կառավարութեան Կազմութիւնը

ՀՀԿը Տակաւին Չէ Քննարկած Համաձայնական Կառավարութեան Կազմութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».-  «Մենք դեռեւս գործադիր մարմնի նիստ չենք հրաւիրել: Շատ հաւանական է, որ գործադիր մարմնի նիստ կը հրաւիրուի այս շաբաթուայ երկրորդ կէսին: Դրանից յետոյ կը խօսենք», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին նշած է Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր էդուարդ Շարմազանով:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ համաձայնական կառավարութիւն (քոալիսիա) կազմելու առնչութեամբ Շարմազանով յայտնած է, որ այդ մասին խօսակցութիւնները  տակաւին [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Մէջ Ընտրութիւններու Կը Պատրաստուին

Արցախի Մէջ Ընտրութիւններու Կը Պատրաստուին

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ձեռքբերովի Իմունային Անբաւարարութեան Համախտանիշի (ՁԻԱՀ-AIDS) կանխարգիլման հանրապետական կեդրոնի համաճարակաբանական հսկողութեան բաժինի վարիչ Արշակ Պապոյեան յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի մէջ ՁԻԱՀէն մահացածներուն թիւը կազմած է 277:
Այս տարուան առաջին 4 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ  Հայաստանի քաղաքացիներուն մօտ արձանագրուած է Մարդու Իմունային Անբաւարարութեան Վիրուս (ՄԻԱՎ-HIV)/ՁԻԱՀի համաճարակի 73 նոր պարագայ՝ ընդհանուր հիւանդներուն թիւը հասցնելով 1226ի: [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանցի, Ջաւախքցի, Արցախցի Ու Սփիւռքի Ուսուցիչներու Պարգեւատրում

Հայաստանցի, Ջաւախքցի, Արցախցի Ու Սփիւռքի Ուսուցիչներու Պարգեւատրում

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի, Արցախի, æաւախքի ու Սփիւռքի 300 ուսուցիչներ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ պարգեւատրուեցան՝  իւրաքնաչիւրը 200 հազարական դրամով: Այս նպատակով տրամադրուած ընդհանուր գումարը կը կազմէ 150 հազար տոլարի համարժէք դրամ: Այս մասին պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի ղեկավար Արտակ Ճաղարեանը:
Ան նշեց, որ ուսուցիչներու ցանկը իրենց տրուած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բացօթեայ Համերգ՝ Ծիծեռնակաբերդի Բարձունքին

Բացօթեայ Համերգ՝  Ծիծեռնակաբերդի Բարձունքին

ԵՐԵՒԱՆ.- 14-19 տարեկան 24 երաժիշտներէ կազմուած Շուէտի Հալմսթատ երաժշտական լարային նուագախումբը 14 Մայիսին երաժշտական ելոյթ տուած է Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին: Նուագախումբին մաս կը կազմէր նաեւ հայ երաժիշտ մը՝ Անոյշ Մուրատեան: Խորքին մէջ անոր գաղափարն էր Հայաստան այցելելը եւ նման ելոյթ ունենալը։
Պատանի երաժիշտները առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէին, սակայն մինչ այդ արդէն ծանօթացած էին 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մեզ Համար Գծուած Սահմանը

Մեզ Համար Գծուած Սահմանը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԵՐԿԻՐ»Ի
Երբ առաջադիմութեան ու ժողովրդավարացման հիմնական ցուցիչը սկսում է դառնալ այն, որ երկրումդ ընտրութիւնների ընթացքում արդէն մարդ չի սպանւում, արիւնահեղութիւն չի լինում, վստահուած անձանց չեն գողանում, նոյնն է, թէ քաղաքակիրթ համարես այն աբորիգենին, ում ֆրակ (տղամարդու պաշտօնական հանդերձանք-Խմբ.) են հագցնում եւ սովորեցնում սեղանից օգտուելու կանոնները:
Միջազգային դիտորդներին, որոնք կուսակցութիւնների շտաբներում, պատերի տակ, տնետուն անցնող մարդկանց պայուսակներում [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պաքու Փորձած Է Աւելի Խիստ Բանաձեւ Վաւերացնել Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Ժողովին

Պաքու Փորձած Է Աւելի Խիստ Բանաձեւ Վաւերացնել Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Ժողովին

ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս»ի խմ-բագրութիւնը հետաքրքրաշարժ մանրամասնութիւններ ստացած է Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումի արտաքին գործոց նախարարներու անցեալ շաբթուան հանդիպման ներքին խոհանոցէն: Պարզուած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ Ատրպէյճանի առաջարկած պարբերութիւնը ի սկզբանէ կրած է խիստ միակողմանի բնոյթ. անոր մէջ նոյնիսկ ներառուած չեն եղած ուժ չկիրարկելու եւ տագնապը խաղաղ միջոցներով կարգաւորելու կէտերը:
Սակայն, շարք մը երկիրներու հակադիր դիրքորոշման [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Զոլաքարի Մէջ Բազմաշերտ Հնավայր Գտնուած Է

Զոլաքարի Մէջ Բազմաշերտ Հնավայր Գտնուած Է

ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Գեղարքունիքի մարզի Զոլաքար գիւղին մէջ հողամշակման աշխատանքներ կատարելու ընթացքին Զոլաքարի թիւ մէկ միջնակարգ դպրոցի պատմութեան ուսուցիչ Օննիկ Յովսէփեանը պատահմամբ յայտնաբերած է հնավայրի հետքեր: Ան ըսած է, որ սկիզբը անակնկալի եղած է այն պատճառով, որ ինք ուզած է գիւղի հարաւային բաժինին մէջ գտնուող իր հողաշերտէն հեռացնել  քանի մը մեծ քար, սակայն յանկարծ ինկած է [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մարմարիկի Ջրամբարի Բացում

Մարմարիկի Ջրամբարի Բացում

ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 2 Մայիսին,
Կոտայքի մէջ տեղի ունեցած է Մարմարիկի ջրամբարի բացման արարողութիւնը:
Մասնագէտներուն գնահատականով, կիսաքանդ վիճակի մէջ գտնուող Մարմարիկի ջրամբարը մեծ վտանգ կը սպառնայ յարակից տարածքի շուրջ 142 հազար բնակչութեան: Աւելի մեծ վտանգի կը ներկայացնէ ջրամբարի կազմին մէջ ներառուած փապուղին:
Ջրամբարը կարելիութիւն պիտի տայ կանոնաւորելու Մարմարիկ գետին հոսքերը, որոնք գարնանային վարարումներուն ընթացքին սովորաբար մեծ վնասներ կը հասցնէին: [...]

May 14th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Ոսկէ Ծիրան»ը Աննախընթաց Թիւով Դիմումներ Ստացած Է

«Ոսկէ Ծիրան»ը Աննախընթաց Թիւով Դիմումներ Ստացած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ Ծիրան» 9րդ երեւանեան միջազգային շարժապատկերի փառատօնին մասնակցութեան դիմում ներկայացնողներուն թիւը աննախընթաց կերպով մեծ եղած է։ Արդարեւ, այս տարի 70 երկիրներէ 1120 դիմում ներկայացուած է։ Փառատօնային ծրագիրին ընթացքին մրցումները կը մնան նոյնը՝ «Միջազգային խաղարկային», «Միջազգային վաւերագրական», «Հայկական  համայնապատկեր» եւ «Կորիզ»։
11 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Համալսարանները Յաճախող Իրանցի Ուսանողներու Թիւը Կը Մեծնայ

Հայաստանի Համալսարանները Յաճախող Իրանցի Ուսանողներու Թիւը Կը Մեծնայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 11 Մայիսին հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Սէյիտ Ալի Սաղաիանի հետ, որ արդէն Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտեց։ Նախարար Աշոտեան շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին՝ անդրադառնալով կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ աւանդաբար լաւ յարաբերութիւններ ունեցող հայ-իրանական կապերու զարգացման եւ ամրապնդման իմաստով դեսպանին ունեցած [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեւանի Մէջ 51 Հեկտար Պիտի Անտառածածկուի

Երեւանի Մէջ 51 Հեկտար Պիտի Անտառածածկուի

Երեւանի անտառատնտեսութեան Էրեբունիի  51 հեկտար տարածքին մէջ ծառ պիտի տնկուի: «Հայաստանի անտառների վերականգնման եւ զարգացման հիմնադրամ»ը  յառաջիկայ հանգրուանին պիտի սկսի ծառատնկման, ոռոգման համակարգերու ստեղծման եւ ցանկապման աշխատանքներուն:
Այս անտառածածկման գումարը պիտի տրամադրուի պետական պիւտճէէն։ Արդարեւ, որոշում տրուած է այն մասին, որ այս տարածքը կարիք ունի անտառապատման։ Նշենք, որ ընդհանուր առմամբ Երեւանի յարակից տարածքներուն մէջ ոչնչացուած է [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արամ Սարգսեանը Հրաժարեցաւ Իր Խորհրդարանական Աթոռէն

Արամ Սարգսեանը Հրաժարեցաւ Իր Խորհրդարանական Աթոռէն

ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հանրապետութիւն կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան հրաժարեցաւ պատգամաւորական իր աթոռէն եւ յաջողութիւն մաղթեց ՀԱԿին՝ յառաջիկայ խորհրդարանի անոր գործունէութեան համար:
10 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ա. Սարգսեան նշեց, որ յառաջիկային կուսակցութեան կորիզին հետ պիտի քննարկէ ՀԱԿի հետ հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնն ու ձեւը։ Ան չբացառեց, որ ՀԱԿէն ամբողջովին հեռանայ։  Սարգսեան նշեց, որ կը գերադասէ փողոցը [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան «Տիգրան Մեծ» Մենաներկայացումով Բեմ Պիտի Բարձրացնէ 14 Կերպար

Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան «Տիգրան Մեծ» Մենաներկայացումով Բեմ Պիտի Բարձրացնէ 14 Կերպար

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ բնակող դերասանուհի Մարի Ռոզ Ապուսէֆեան 21 Մայիսին Սթանիսլաւսկիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնի բեմին վրայ պիտի ներկայացնէ «Տիգրան Մեծ» մենաներկայացումը, որ երկու արարով է։ Թատրերգութեան հեղինակը եւ բեմադրիչը դերասանուհին է:
«Տիգրան Մեծ» մենաներկայացումը հիմնուած է Պերճ Զեյթունցեանի «Աստծոյ տասներկու օրը» թատրերգութեան, հայոց պատմութեան եւ Մարի Ռոզի մտորումներուն վրայ: Այս մենաներկայացումով դերասանուհին առանձինն պիտի մարմնաւորէ [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Արմաւիա»ն Պէտք է Պարզաբանումներ Տայ «Սուխօ Սուփըրճէթ-100»ի Օգտագործման Մասին

«Արմաւիա»ն Պէտք է Պարզաբանումներ Տայ «Սուխօ Սուփըրճէթ-100»ի Օգտագործման Մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- 9 Մայիսն Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մօտ ցուցադրական թռիչք կատարելու ատեն ջախջախուած է «Սուխօ սուփըրճէթ-100» մարդատար օդանաւը: Օդանաւի ութ հոգի կազմող անձնակազմը, ինչպէս նաեւ 40 ճամբորդներ զոհուած են:
«Հրապարակ»ը կը գրեէ, թէ այս դէպքը յատկանշական է այն հանգամանքով, որ «Սուխօ սուփըրճէթ-100»ը Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ռուսական արտադրութեան առաջին մարդատար օդանաւն է: Այդ օդանաւի առաջին պատուիրատուն [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՄԱԿի Մօտ Հայաստանի Դեսպանը. «Ահաբեկչական Խմբաւորումներն Ազատօրէն Օգտագործում Են Ատրպէյճանի Տարածքը»

ՄԱԿի Մօտ Հայաստանի Դեսպանը. «Ահաբեկչական Խմբաւորումներն Ազատօրէն Օգտագործում Են Ատրպէյճանի Տարածքը»

ՄԱԿի մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի հակաահաբեկչութեան հարցերով զբաղող կոմիտէներու զեկուցումներու քննարկում՝ Ատրպէյճանի նախագահութեամբ: Ան փորձած է օգտագործել իր նախագահողի դիրքը՝ մերժելով ելոյթ ունենալու Հայաստանի խնդրանքը։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի դեսպանը գիտակցած է, որ հայկական կողմը անպատասխան պիտի չձգէ նախորդ շաբաթ ՄԱԿի նոյն մարմինին մէջ հնչած Ատրպէյճանի նախագահին արհամարհական եւ ստապատիր յայտարարութիւնները:
Խորհուրդի անդամ երկիրներուն կողմէ բանեցուած [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մեր Ժողովուրդը Պէտք Չէ Գործիք Դառնայ Այս Իշխանութիւններուն Համար, Կ՛ըսէ Ռուստամեան

Մեր Ժողովուրդը Պէտք Չէ Գործիք Դառնայ Այս Իշխանութիւններուն Համար, Կ՛ըսէ Ռուստամեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 11 Մայիսին կայացած Միասնական ղեկավարմար նիստին ընթացքին յայտարարութիւն կատարեց ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը:
Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ զօրաւոր կերպով արմատ նետած է դրամի իշխանութիւնը, այդ պատճառով ալ՝ «բիւրոկրատիան յաղթեց դեմոկրատիային»:
«Ընտրակեղծիքների մեքենայ է գործում: 99 տոկոսով մեծամասնական ընտրակարգով յաղթել են նոյն մեթոտներով, փաստ է», հաստատեց Ռուստամեանը: Ան աւելցուց, որ հասած է հանգրուանը, երբ ժողովուրդը պէտք [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Տպագիր Լրատուամիջոցները Նիւթական Հարցեր Կը Դիմագրաւեն

Տպագիր Լրատուամիջոցները Նիւթական Հարցեր Կը Դիմագրաւեն

Տարուան առաջին եռամսեակին  բացայայտ դարձաւ, որ տպագիր լրատուամիջոցները նիւթական բաւական դժուար կացութեան մէջ են, նշուած է «Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէ»ի եռամեայ զեկուցումին մէջ։
Արդարեւ, այդ ամիսներուն լոյս տեսնելէ դադրած է 1100 տպաքանակ ունեցող «Հետք» շաբաթաթերթը: Անիկա դժուարութեամբ կը հոգայ իր ծախսերը, մանաւանդ որ քաղաքական ուղղուածութիւն չունենալով՝ ծանուցումներէ գրեթէ զրկուած է։ Խմբագրութիւնը որեւէ ուժէ կախեալ չըլլալու համար [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ընտրական Համակարգի Վերափոխման Համատեղ Ջանքերը Պիտի Շարունակուին

Ընտրական Համակարգի Վերափոխման Համատեղ Ջանքերը Պիտի Շարունակուին

ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հայաստանի քաղաքագէտներուն կողմէ ձեւաւորուած Հանրային վերահսկողութեան միասնական յանձնախումբը, որուն աշխատանքներուն կը մասնակցէր ԲՀԿն, ՀԱԿը եւ ՀՅԴն, այսօր հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որուն համաձայն, Մայիս 6ին կայացած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք կազմուած խորհրդարանը չ՛արտացոլացներ ժողովուրդին կողմէ քաղաքական ուժերուն աջակցութեան իսկական պատկերը:
Միասնական յանձնախումբը այս եզրակացութեան յանգած է՝ համադրելով քաղաքական երեք ուժերու վստահուած անձերու եւ յանձնաժողովի անդամներու, ինչպէս [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Չինաստանի Մէջ Սեմինար՝ Հայաստանի 25 Պետական Ծառայողներու

Չինաստանի Մէջ Սեմինար՝ Հայաստանի 25 Պետական Ծառայողներու

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 11 Մայիսին՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Ս. Մանասարեանի եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Չինաստանի կառավարութիւններուն միջեւ պաշտօնական նամակներու ստորագրութեան  եւ փոխանակման արարողութիւն:
Այս նամակներով համաձայնութիւն գոյացած է այն մասին, որ Չինաստանը Հայաստանի 25 բարձրաստիճան պետական ծառայողներու յատուկ, «Տնտեսական բնագաւառներու կառավարում» խորագիրով [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներուն Ստեփանակերտ Այցը Կը Յետաձգուի Եղանակին Պատճառով

ԵԱՀԿ ՄԽ Համանախագահներուն Ստեփանակերտ Այցը Կը Յետաձգուի Եղանակին Պատճառով

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ), Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա) ու Իկոր Փոփով (Ռուսիա) յետաձգած են իրենց կատարելիք այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Վկայակոչելով ԼՂՀ իշխանութիւնները՝ «Ռեկնում» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ յետաձգման պատճառը եղանակային պայմաններն են: Նոյն պատճառով այլ այցեր եւս յետաձգուած են նախապէս: Ստեփանակերտի մէջ նախատեսուած էր համանախագահներուն հանդիպումը ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Առաջարկ՝ Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Նախարարութիւն Ստեղծելու

Առաջարկ՝ Տեղեկատուական Արհեստագիտութեան Նախարարութիւն Ստեղծելու

Նոր կազմուած Ազգային Ժողովին առաջարկ ներկայացուած է ստեղծելու  Տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարարութիւն, որ կարեւոր է տեղակատուական, հաղորդակցութեան արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ յաւելեալ աշխուժ աշխատանք տանելու եւ այդ գործունէութիւնը համակարգելու առումով։ Առաջարկը  ներկայացուած է «Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան» կողմէ։
Ներկայացուած առաջարկին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Նախարարութեան առկայութիւնը հնարաւորութիւն կը տայ խուսափել ոլորտի զարգացմանը խոչընդոտող բազմաթիւ հանգամանքներից, ինչպիսիք են՝ ոլորտի միասնականութեան [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«ՀՀԿն Ընտրութիւններուն Օգտագործած Է Նոր Կեղծիքներ». Վարդան Օսկանեան

«ՀՀԿն Ընտրութիւններուն Օգտագործած Է Նոր Կեղծիքներ». Վարդան Օսկանեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 11 Մայիսին կայացած ընտրակեղծիքներուն դէմ պայքարի Միասնական ղեկավարման յանձնախումբի նիստին ժամանակ յանձնախումբին մաս կազմող Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան յայտարարեց, որ Իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը Մայիս 6ի ընտրութիւններուն օգտագործած է նոր կեղծիքներ:
Ըստ անոր, ընտրակեղծիքները տեղի ունեցած են քանի մը հանգրուանով։  «Կեղծիքները ընթացած են քանի մը բաղադրամասերով՝ նախ ուռճացուած ցուցակները, ապա կնիքներու ցնդող [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Տղամարդոց Առողջութեան 8րդ Միջազգային Վեհաժողով

Տղամարդոց Առողջութեան 8րդ Միջազգային Վեհաժողով

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Երեւանի Արամ Խաչատրեանի անուան ֆիլհարմոնիկ մեծ համերգասրահին մէջ մասնակցած է Տղամարդոց առողջութեան 8րդ միջազգային վեհաժողովի բացման հանդիսութեան։ Վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 1500է աւելի մասնագէտներ՝ ԱՊՀ երկրներէն, Հունգարիայէն, Չեխիայէն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն եւ այլ պետութիւններէ:
Վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը տարբեր տեսակի ծրագիրներ կը կատարէ առողջապահութեան մարզին մէջ՝ նպատակ ունենալով այս [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

1360 Դպրոցներու Պիտի Տրամադրուին 1410 Համակարգչային Սարքաւորումներ

1360 Դպրոցներու Պիտի Տրամադրուին 1410 Համակարգչային Սարքաւորումներ

«Կրթութեան որակ եւ համապատասխանութիւն» վարկային երկրորդ նախաձեռնութեան ծիրին մէջ 13 Ապրիլին «Եունիքոմփ» ընկերութեան մէջ կայացած հանդիսութեամբ մը Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն տրամադրուած են համակարգչային սարքաւորումներ՝ վարչակառավարչական գործառնութիւնները համակարգչայնացնելու նպատակով:
Այս ձեռնարկին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, որ կարեւոր նկատած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրառութեան ընդլայնումը հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ։ Ան նշած է, որ վերոնշեալ [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Համաձայնագիր՝ «Հայփոսթ Թրասթ Մենէյճմընթ» Եւ «Փոսթէ Իտալիանէ» Ընկերութիւններուն Միջեւ

Համաձայնագիր՝ «Հայփոսթ Թրասթ Մենէյճմընթ» Եւ «Փոսթէ Իտալիանէ» Ընկերութիւններուն Միջեւ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Հայփոսթ Թրասթ Մենէյճմընթ» եւ «Փոսթէ Իտալիանէ» ընկերութիւնները 11 Մայիսին ստորագրած են համագործակցութեան երկկողմանի համաձայնագիր մը, որուն նպատակն է Հայաստանի մէջ ստեղծել նամակատնային նոր ծառայութիւններ:
Իտալական կողմի ներկայացուցիչները կարեւորութեամբ անդրադարձած են «Հայփոս»չի հետ համագործակցութեան՝ դիտել տալով, որ  անիկա ատակ է նամակատնային եկամուտներ ապահովելու եւ մեծապէս զարգացնելու մարզերու ու մայրաքաղաքի նամակատնային ծառայութիւններուն որակը:
«Հայփոսթ»ի գլխաւոր տնօրէն Խուան [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Աշխարհի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներէն Սալվատորէ Սքիլաչին՝ Հադրութի Խումբի Խաղացող

Աշխարհի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներէն Սալվատորէ Սքիլաչին՝ Հադրութի Խումբի Խաղացող

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սիրողական ֆութպոլի միջազգային միութեան հիմնադիր, ռուսահայ Արմէն Բարխուդարեանի հրաւէրով 1990ին աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր եւ լաւագոյն կօլեր նշանակող իտալացի Սալվատորէ Սքիլաչին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին նուիրուած բարեսիրական մրցաշարքին, որուն մասնակցած են Արցախի ֆութպոլի սիրողական ութ խումբեր:
Սքիլաչին ներկայացած է  «Հադրու»չ խումբին հետ եւ եղած անոր արձանագրած մէկ կօլին հեղինակը։  Նշանաւոր ֆութպոլիստը [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Քոնկրեսականներ Պարգեւատրուած Են Մխիթար Գոշի Մետալով

Քոնկրեսականներ Պարգեւատրուած Են Մխիթար Գոշի Մետալով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրով մը պարգեւատրումներ կատարած է Միացեալ Նահանգներու կարգ մը խորհրդարանականներուն։ Արդարեւ, հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման իմաստով ունեցած մեծ աւանդի համար, Մխիթար Գոշի մետալ ստացած են Աննա Էշիւն, Պրետ Շըրմընը եւ Մարք Քըրք։

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նախագահ Սահակեան Ընդունած Է Սփիւռքէն Եւ Հայաստանէն Երիտասարդներ

Նախագահ Սահակեան Ընդունած Է Սփիւռքէն Եւ Հայաստանէն Երիտասարդներ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Մայիսին ընդունած է «Դէպի Հայք» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Սփիւռքէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ ժամանած խումբ մը երիտասարդներ։
Բակօ Սահակեանը շեշտը դրած է երիտասարդներուն դերակատարութեան կարեւորութեան վրայ՝ հայրենիք-սփիւռք միասնութեան ամրապնդման ու հայ ազգային ինքնութեան պահպանման  իմաստով, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է երիտասարդներուն Արցախ տուած յաճախակի այցելութեանց անհրաժեշտութեան։ Նախագահը բարձր գնահատած է  [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ստեփանակերտի Դարմանատունը Համալրուած Է Նոր Սարքերով

Ստեփանակերտի Դարմանատունը Համալրուած Է Նոր Սարքերով

Յետայսու արցախցիները ստիպուած չեն ըլլար բժշկական քննութեան ենթարկուելու համար Երեւան ուղղուելու, որովհետեւ այս օրերուն Ստեփանակերտի դարմանատունը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ արդիական նոր սարքեր նուէր ստացաւ։
Աւելի քան 710 հազար տոլար արժողութեամբ սարքաւորումը գնելու գումարը տրամադրած է բարերար Բարսեղ Բեկլարեանը:
Դարմանատան պատասխանատուներուն համաձայն, լուծուած է նաեւ մասնագէտներու պատրաստութեան հարցը. արդարեւ, տեղւոյն մասնագէտներուն հետ պարբերաբար  պիտի աշխատին Հայաստանէն եւ [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բիւզանդի Փողոցի Շուրջ 100 Բնակիչի Տուն Պիտի Տրամադրուի

Բիւզանդի Փողոցի Շուրջ 100 Բնակիչի Տուն Պիտի Տրամադրուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հանրապետութեան մէջ պիտի գործէ անկախ յանձնաժողով, որ պիտի զբաղի դատապարտեալներուն պատիժը կրելէ պայմանական վաղաժամկէտ ճշդելու, պատիժ չկրած հանգրուանը աւելի մեղմ պատժատեսակով փոխարինելու հարցերով: Կառավարութիւնը 26 Ապրիլին քննած ու վաւերացուցած է այս մասին Հայաստանի նախագահի հրամանագիրին նախագիծը:
Գործադիր մարմինը նաեւ որոշած է լուծել Բիւզանդի փողոցի նախկին բնակիչներու վերաբերող խնդիրը։ 13էն 21 հասցէներու անաւարտ շինարարութիւնը [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հաղորդակցութեան Առաջին Թանգարանը

Հաղորդակցութեան Առաջին Թանգարանը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ բացուած է հաղորդակցութեան առաջին թանգարանը՝ Երեւանի Ազատութեան պողոտայի 24/1 հասցէով:
«Արմէնթել» ընկերութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, կապի թանգարանին մէջ ներկայացուած են  հեռախօսային հաղորդակցութեան եւ «Արմէնթել» ընկերութեան զարգացման պատմութեան վերաբերող նիւթեր, ինչպէս նաեւ տարբեր ժամանակներու, երկրին մէջ այս մարզէն ներս կատարուած արդիականացման վերաբերող ցուցանմոյշներ: Թանգարանին մէջ ցուցադրուածներուն ընդմէջէն այցելուն առիթ կ՛ունենայ ծանօթանալու Հայաստանի մէջ [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ախալցխան՝ Զբօսաշրջային Հրաշք

Ախալցխան՝ Զբօսաշրջային Հրաշք

Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլին 9 Մայիսին այցելած է Ախալցխա եւ ծանօթացած է ամրոցի, բաղնիքներու, æակելի պալատի վերականգնման աշխատանքներուն։
Միջնաբերդին մէջ պիտի կառուցուի յատուկ դահլիճ՝ բարձր մակարդակով ընդունելութիւններու համար եւ 4 լողաւազան՝ խճանկարներով: Հնագոյն ամրոցին պիտի վերադարձուի իր պատմական տեսքը: Շուտով իր աւարտին պիտի հասնի նաեւ ամփիթատրոնի շինարարութիւնը: Բացումը պիտի կատարուի շատրուաններով Սիրոյ ծառուղիին, առեւտուրի տուներուն եւ [...]

May 11th, 2012

| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Գինեգործութեան Նոր Ծրագիր Հայաստանի Մէջ

Գինեգործութեան Նոր Ծրագիր Հայաստանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 3 Մայիսին կայացած կառավարութեան ընթացիկ նիստին ընթացքին ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ իտալական դրամագլուխով աշխատող «Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» ընկերութիւնը, որ կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ կատարել մեծածաւալ աշխատանքներ՝ խաղողի աճեցում, գինիի եւ քոնեաքի արտադրութիւն: Ընկերութիւնը այս քայլով նաեւ պիտի զարգացնէ գիւղատնտեսութիւնը։
Ներկայիս «Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» ընկերութիւնը կը շարունակէ գործարանի շինութեան ներքին աշխատանքները, բերուած [...]

May 11th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մաշտոցի Պուրակի Բոլոր Կրպակները Վերցուած Են

Մաշտոցի Պուրակի Բոլոր Կրպակները Վերցուած Են

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մաշտոցի պուրակին մէջ բոլոր կրպակները արդէն քակուած են: Այս հաստատումը կատարեց Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետի տեղակալ Արթուր Սարուխանեանը:
Անոր համաձայն, «Կենտրոն կանաչապատում»ը արդէն լծուած է ընդհանուր բարեկարգման եւ կանաչապատման աշխատանքներու:
«Շատ շուտով կանաչապատման աշխատանքները Մաշտոցի պուրակում կ՛աւարտուեն», ըսաւ ան:
Շուրջ 90 օրէ ի վեր Մաշտոցի պուրակի գործիչները կը պայքարին Աբովեան փողոցէն [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաստան | Read More »

Մարզերուն Մէջ՝ Ուսուցիչներու Համակարգչային Գիտութեան Բարելաւման Ծրագիր Կը Գործադրուի

Մարզերուն Մէջ՝ Ուսուցիչներու Համակարգչային Գիտութեան Բարելաւման Ծրագիր Կը Գործադրուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արմենթել» եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը Հայաստանի 2 մարզերուն մէջ ի գործ կը դնէ ուսուցիչներու յատուկ ծրագիր մը, որ կը միտի անոնց համակարգչային գիտութեան եւ իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնել։ «Արմենթել» ընկերութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն,  27 Փետրուար 2012ին Հայաստանի 6 գիւղի 74 ուսուցիչի համար արդէն կազմակերպուած են յատուկ համակարգչային դասընթացքներ: Մանկավարժները ձեռք բերած են համակարգչային նոր [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պարարուեստի Օրեր՝ Հայաստանի Մէջ

Պարարուեստի Օրեր՝ Հայաստանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի շրջագիծին մէջ 25 Յունիսէն 15 Յուլիս Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան պարարուեստի օրեր, որոնց պիտի մասնակցին պարախումբեր՝ Սփիւռքի տարբեր գաղութներէն։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, ելոյթներով հանդէս պիտի գան «Արին» (Լիբանան), Հալէպի Թէքէեան մշակութային միութեան «Միրաք», «Ունօ» պատանեկան պարախումբերը (Սուրիա), «Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններ» (Միացեալ Նահանգներ), «Էրեբունի» (Գանատա), «Վաչեան» [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նախագահ Սարգսեան Պիտի Մասնակցի ՀԱՊԿի Յոբելեանական Նստաշրջանին

Նախագահ Սարգսեան Պիտի Մասնակցի ՀԱՊԿի Յոբելեանական Նստաշրջանին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 15 Մայիսին Մոսկուայի մէջ պիտի գումարուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յոբելեանական նստաշրջանը՝ նուիրուած Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի ստորագրման 20ամեակին եւ ՀԱՊԿի ստեղծման 10ամեակին։ Նստաշրջանին պիտի մասնակցեն կազմակերպութեան անդամ բոլոր պետութիւններու՝ Հայաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխզիստանի, Ռուսիոյ, Տաճիկիստանի եւ Ուզպեքստանի նախագահները:
Նոյն օրը Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի ոչ [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Էդուարդ Նալբանդեան Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստան Հրաւիրած Է

Էդուարդ Նալբանդեան Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստան Հրաւիրած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարած է, որ Իրանը միշտ դէմ եղած է դրացի պետութիւններուն միջեւ ծագող որեւէ վէճի։ Իրանական «Իրնա» լրատու գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախարար Նալբանդեան այս յայտարարութիւնը կատարած է Ոչ յանձնառու երկիրներու միաւորման շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ծիրին մէջ, իրանի իր գործընկերոջ՝ Ալի Աքպար Սալըհիի [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստան Կը Ներածուի 475 Տոհմային Երինջ

Հայաստան Կը Ներածուի 475 Տոհմային Երինջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը 2012 թուականին պիտի ներածէ 475 գլուխ տոհմային երինջներ: Հայաստանի կառավարութեան 10 Մայիսի նիստին ընթացքին Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան նշած է, որ նախագիծին նպատակն է յստակացնել տոհմային երինջներ բերելու համար նիւթական աղբիւրը։ «Տոհմային երինջներից ստացուած սերունդը կ՛օգտագործուի հանրապետութիւնում տաւարաբուծութեան զարգացմանն ուղղուած տոհմասելեկցիոն աշխատանքներում», ըսած է նախարարը:
«Անհրաժեշտ է վերահսկողութիւն սահմանել [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Միասնական Յանձնախումբը Այսօր Հանդէս Պիտի Գայ Ամփոփիչ Յայտարարութեամբ

Միասնական Յանձնախումբը Այսօր Հանդէս Պիտի Գայ Ամփոփիչ Յայտարարութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի քաղաքագէտներու միութեան (ՀՔՄ) վարչութիւնը եւ ՀՔՄ կառոյցին մէջ գործող իրավիճակներու վերլուծութիւններու եւ քաղաքական կանխատեսումներու «POLITLOGOS» ակումբը միասնաբար կը հրաւիրեն ընտրութիւններու հանրային վերահսկողութեան խնդիրներուն նուիրուած լսումներու տասներորդ լիագումար նիստին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՔՄի տարածած հաղորդագրութիւնը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ նիստին ընթացքին պիտի ներկայացուի Հանրային վերահսկողութեան միջկուսակցական միասնական յանձնախումբի ամփոփիչ յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի մէջ Մայիս [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀՀԿ Փոխնախագահին Համաձայն, Ընդդիմադիր Ըլլալը Նպատակայարմար Չէ ԲՀԿի Համար

ՀՀԿ Փոխնախագահին Համաձայն, Ընդդիմադիր Ըլլալը Նպատակայարմար Չէ ԲՀԿի Համար

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Գալուստ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը կողմնակից է այն երեւոյթին, որ քաղաքական ուժերը յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին համաձայնութեամբ գործեն եւ այդ համաձայնութիւնները ըլլան ժողովուրդին դիմաց:
«Բնականաբար համաձայնութիւններ կը լինեն, բայց դրա անունը քոալիսիա կը լինի, թէ դաշինք, կամ թէ պարզապէս համաձայնութիւն՝ դա կը [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Դէմիրճեան Խորհրդարանի Անդամ Պիտի Ըլլայ

Դէմիրճեան Խորհրդարանի Անդամ Պիտի Ըլլայ

ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դէմիրճեան՝ պատասխանելով «Ա1+»ի լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք ինք կը պատրաստուի՞ խորհրդարանի անդամ դառնալ՝ ըսած է. «Քանի որ ՀԱԿն ունի մանդատները վերցaնելու եւ խորհրդարան մտնելու որոշում, ապա կարծում եմ այդ հարցը աւելորդ է»։
Բայց եւ այնպէս, ան յարմար եւ ճիշդ նկատած է, որ այս հարցումին հաստատ ու վերջնական պատասխան տայ [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բարեսիրական Մարաթոն՝ Երեւանի Մէջ

Բարեսիրական Մարաթոն՝ Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 10 Յունիսին Երեւանի մէջ պիտի կայանայ երեք քիլոմեթր երկարութեամբ մարաթոն մը, որուն նպատակն է հասարակութեան եւ ընկերութեան տեղեկացուածութեան մակարդակը բարձրացնել՝ բնապահպանական եւ միջավայրի մաքուր պահպանման գծով։
«Կոլտըն թուլիփ օթել Երեւան»ի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ մարաթոնին մասնակցին դրամատնային, նիւթական եւ այլ բնագաւառներուն մէջ գործող 100-150 ընկերութիւններ:
Իւրաքանչիւր մասնակից պիտի վճարէ 30 հազար դրամ, [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կառավարութիւնը Կ՛աջակցի Անապահով Ընտանիքներուն

Կառավարութիւնը Կ՛աջակցի Անապահով Ընտանիքներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Փոփոխութիւն կատարելով «Հայաստանի Հանրապետութիւնում անապահով ընտանիքներին մատակարարուող բնական կազի սակագնի մեղմացման միջոցառումների մասին» նախապէս ընդունած որոշման մէջ, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է 2012ի Ապրիլի 1էն մինչեւ 2013 Մարտ 31 շարունակել իր քաղաքականութիւնը՝ անապահով ընտանիքներու սպառած բնական կազի մասնակի գումարը տրամադրելու։
Նշեալ ժամանակաշրջանին «Հայռուսկազարտ» ընկերութեան կողմէ անապահով ընտանիքներէն 300 խորանարդ մեթր բնական կազի քանակութեան համար պիտի [...]

May 10th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Խառն Կառավարութիւն Կազմելու Հարցը Կը Քննարկուի

Խառն Կառավարութիւն Կազմելու Հարցը Կը Քննարկուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նոր՝ խառն կառավարութիւն մը կազմելու գծով տակաւին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, եւ քանի մը օրէն ամէն ինչ կը յստականայ։ «Այս պահի դրութեամբ ես զերծ կը մնամ որեւէ գնահատականից, քանի որ այժմ այնպիսի փուլ է, երբ մենք պէտք է ամփոփենք ընտրութիւնների արդիւնքները: Այս պահի [...]

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Մասնակցած Են Նոր Համալիրի Բացման

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Մասնակցած Են Նոր Համալիրի Բացման

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 8 Մայիսին մասնակցած են Ստեփանակետի մէջ նոր, տարբեր գործածութիւններու յատուկ «Եւրոպա» համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։  Հոն տեղակայուած են դրամատուներ, տարբեր կազմակերպութիւններու գրասենեակներ եւ պանդոկ։
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նման ժամանակակից չափանիշներու համապատասխանող համալիրի մը բացումը  մայրաքաղաքին մէջ՝ նշելով, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ [...]

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Վերահաշուարկի Պահանջ՝ 50 Ընտրական Շրջաններու Մէջ

Վերահաշուարկի Պահանջ՝ 50 Ընտրական Շրջաններու Մէջ

6 Մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վերահաշուարկելու 50 դիմում ներկայացուած է. համամասնական ընտրակարգով 17 ընտրական շրջաններու, մեծամասնական ընտրակարգով 33 ընտրական շրջաններու վերաբերեալ:
8 դիմում ներկայացուցած է Հայ Ազգային Կոնգրեսը, 5՝ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնը, մէկ՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, 3՝ «Ժառանգութիւն»ը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը որոշած է անձնական նախաձեռնութեամբ վերահաշուարկ կատարել մէկ շրջանի մէջ:
«Ամբողջ հանրապետութիւնում առկայ չէ մի մարզ, [...]

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Տաւուշի Մարզի Չինարի Եւ Մովսէս Գիւղերը Ենթարկուած Են Ատրպէյճանական Գնդակոծութեան

Տաւուշի Մարզի Չինարի Եւ Մովսէս Գիւղերը Ենթարկուած Են Ատրպէյճանական Գնդակոծութեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի եւ Մովսէս գիւղերու գիւղապետերը «Թեր»չին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեցին այն լուրը, որ Տաւուշի մարզի քանի մը գիւղեր Երեքշաբթի գիշեր անհանգիստ վիճակ ունեցած են, քանի որ ատրպէյճանական կողմը մինչեւ գիշերուան ժամը 2 գնդակոծած է այդ հայկական գիւղերը:
Գիւղապետները նաեւ տեղեկացուցին, որ, բարեբախտաբար, երկու գիւղերուն մէջ ալ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:
Մովսէս [...]

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Աշոտ Վարդապետեան Նշանակուած Է Ճատրակի Աշխարհի Մրցաշարքի Գլխաւոր Մրցավար

Աշոտ Վարդապետեան Նշանակուած Է Ճատրակի Աշխարհի Մրցաշարքի Գլխաւոր Մրցավար

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի միջազգային մակարդակի հայաստանցի մրցավար Աշոտ Վարդապետեան Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին՝ ՖԻՏԷի կողմէ նշանակուած է 11 Մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքի գլխաւոր մրցավար։
Մրցումի մասնակիցներն են ճատրակի համաշխարհային ախոյեան, Հնդկաստանէն Վիշուանաթան Անանտը եւ իսրայէլցի Պորիս Կելֆանտը, որոնք արդէն Մոսկուա կը գտնուին։

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Դաշնակցութեան Հաւաք՝ Շուշիի Ազատագրութեան 20ամեակին Առիթով Եւ Ընտրութիւններու Արդիւնքները Գնահատելու

Դաշնակցութեան Հաւաք՝ Շուշիի Ազատագրութեան 20ամեակին Առիթով Եւ Ընտրութիւններու Արդիւնքները Գնահատելու

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 9 Մայիսին Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ Դաշնակցութիւնը կայացուց հաւաք մը, որուն ներկայ էին ընտրական յանձնաժողովի անդամներ, կուսակցութեան կողքին ընտրական շրջաններուն մէջ աշխատած ու պայքարած կուսակցականներն ու համակիրները։
Հանդիպումը առաջին հերթին նուիրուած էր Շուշիի ազատագրութեան եւ յաղթանակի օրուան:
Սակայն ընդհանուր գծերու մէջ ամփոփուեցան նաեւ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները, ՀՅԴի յառաջիկայ քայլերն ու ծրագիրները:
Հաւաքէն առաջ արդէն իսկ [...]

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Շուշիի Ազատագրութեան 20 Ամեակին Առթիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Յղած Նամակը

Շուշիի Ազատագրութեան 20 Ամեակին Առթիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Յղած Նամակը

Նորին Վսեմութիւն Տիար Բակօ Սահակեան Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան

Սիրելի՛ պրն. Նախագահ,
Այսօր, Չորեքշաբթի 9 Մայիսին, Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Ձեզ, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի մեր ազատատենչ ժողովուրդը:
Այսօր յաղթանակի օր է. յաղթանակի օր՝ ո՛չ միայն Ղարաբաղի հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան համար: Շուշիի ազատագրումը վճռադրոշմ դէպք մըն էր [...]

May 9th, 2012

| Posted in Բացառիկ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուղերձը Յաղթանակի Եւ Խաղաղութեան Տօնի Առթիւ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուղերձը Յաղթանակի Եւ Խաղաղութեան Տօնի Առթիւ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Սրտանց շնորհաւորում եմ ձեզ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի կապակցութեամբ:
Երկրորդ աշխարհամարտի յաղթական աւարտը մեր ժողովրդի առջեւ զարգացման նոր դռներ բացեց: Դա պատմական հնարաւորութիւն էր, որի շնորհիւ մեր հանրապետութիւնն ու ժողովուրդը յետագայ տարիներին ու տասնամեակներին արձանագրեցին լուրջ ձեռքբերումներ գրեթէ բոլոր ասպարէզներում:
Մեր ողջ ժողովուրդն այդ յաղթանակում իր նպաստը բերեց մեծագոյն զոհողութիւնների գնով:
1992 թուականի Մայիսի 9ին իրենց հերոս [...]

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Գարեգին Բ.ի Շնորհաւորական Խօսքը Շուշիի Ազատագրման Առիթով

Գարեգին Բ.ի Շնորհաւորական Խօսքը Շուշիի Ազատագրման Առիթով

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից անհուն ուրախութեամբ եկել ենք Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը բերելու եւ խնդակից լինելու ձեզ Մայիսի 9ի այս լուսաւոր, բերկրանքով ու քաջալերութեամբ լեցուն օրը, երբ տօնում ենք Երկրորդ համաշխարային պատերազմի յաղթանակը, Շուշիի ազատագրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի 20ամեայ յոբելեանները:
Եկել ենք շնորհաւորելու եւ Մեր գնահատանքը բերելու ձեզ, մեծարգոյ Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան, մեծարգոյ Նախագահ [...]

May 9th, 2012

| Posted in Բացառիկ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Եւրոմիութիւնը Պատրաստ Չէ Արցախը Ներգրաւելու Բանակցութեանց Մէջ

Եւրոմիութիւնը Պատրաստ Չէ Արցախը Ներգրաւելու Բանակցութեանց Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Եւրոպական միութեան դերը տարբեր է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ունեցած դերէն, «Պիզնըս Եիր» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գլխաւոր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն:
«Ես նշանակած եմ յատուկ ներկայացուցիչ, որ կ՛աջակցի բանակցային գործընթացին՝ այնքանով, որքանով այդ մէկը կ՛արտօնուի, ինչպէս օրինակ կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման հարցն [...]

May 9th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Մասնակցած Են Եռատօնին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

Հայաստանի Եւ Արցախի Նախագահները Մասնակցած Են Եռատօնին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Մայիսին Ստեփանակերտ եւ Շուշի քաղաքներուն մէջ մասնակցած են Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան առթիւ կազմակերպուած տօնական նախաձեռնութիւններուն։
Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ զետեղած են Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Մէջ Ուժեղ Երկրաշարժի Մասին Տարաձայնութիւնները Անհիմն Են

Հայաստանի Մէջ Ուժեղ Երկրաշարժի Մասին Տարաձայնութիւնները Անհիմն Են

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Հայաստանի մէջ ակնկալուող ուժեղ երկրաշարժի մասին տարածուող լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ։ Նախարարութենէն նաեւ կոչ ուղղած են խաղաղութիւնն ու հանգստութիւնը պահպանելու եւ ականջ չտալու խուճարարներուն կողմէ տարածուած անհիմն լուրերուն։
Նախարարութեան Երկրաշարժի պաշտպանութեան ազգային ծառայութեան գործակալութեան տնօրէն Հրաչեայ Պետրոսեան 8 Մայիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, թէ [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Ժառանգութեան» Նախնական Գնահատականը՝ Խորհրդարանական Ընտրութիւնների Մասին

«Ժառանգութեան» Նախնական Գնահատականը՝ Խորհրդարանական Ընտրութիւնների Մասին

Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախընտրական շտաբն արձանագրում է, որ ս.թ. Մայիսի 6ին Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները մթագնուած են բազմաթիւ ընտրախախտումներով:
Այսպէս՝ ընտրակաշառքների եւ կեղծ բարեգործութիւնների ծաւալները հասան աղաղակող չափերի, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ աննախադէպ բարձր ազդեցութիւն ունեցան ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ:
Իշխանութիւնների կողմից վարչական ռեսուրսների օգտագործումն անհաւասար պայմաններ ստեղծեց ընտրարշաւին մասնակցող քաղաքական ուժերի համար: Այս համատեքստում [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ամերիկայի Արձագանգը Հայաստանի Ընտրութիւններուն

Ամերիկայի Արձագանգը  Հայաստանի Ընտրութիւններուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ երկիրներու հարցերու վարչութեան բանբեր Ռապըրթ Հիլթըն յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են հանգիստ եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու եւ ընտրողներու, դիտորդներու մասնակցութեամբ։ Ան ողջունած է Հայաստանի մէջ նախապէս կայացած  ընտրութիւններուն հետ բաղդատած՝ տեղի ունեցած բարելաւումները։
«Կը սատարենք ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդներու առաքելութեան եզրակացութեան, որուն համաձայն, ընտրութիւնները [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԵՄը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Եւ Ընդդիմութեան՝ Շարունակելու Կառուցողական Երկխօսութիւնը

ԵՄը Կոչ Կ՛ուղղէ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Եւ Ընդդիմութեան՝ Շարունակելու Կառուցողական Երկխօսութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընը եւ Ընդլայնման ու եւրոպական հարեւանութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են։ Անոր մէջ նշուած է. «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ 6 Մայիսին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Միջազգային դիտորդական առաքելութեան սկզբնական զեկուցումը: Մենք [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ստեփան Դէմիրճեան Եւ Արամ Սարգսեան Պիտի Հրաժարի՞ն Խորհրդարանէն

Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ստեփան Դէմիրճեան Եւ Արամ Սարգսեան Պիտի Հրաժարի՞ն Խորհրդարանէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պիտի հրաժարի խորհրդարանէն: Նոյնանման քայլերու պիտի դիմեն նաեւ ՀԱԿի համամասնական ցանկի երկրորդ եւ երրորդ դիրքերուն վրայ եղող գործիչներ՝ Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Ստեփան Դէմիրճեանը եւ Հանրապետութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեանը:
«Նիուզ»ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Ազգային ժողովին մէջ ՀԱԿի խմբակցութեան ղեկավարը պիտի ըլլայ նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեանը:
Յիշեցնենք, որ Հայ Ազգային [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Թայմ» Կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի Մարդկային Իրաւանց Վիճակին

«Թայմ» Կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի Մարդկային Իրաւանց Վիճակին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան ազդեցիկ «Թայմ» թերթը, «Վաճառուող Ատրպէյճան» կոչուած ընդարձակ յօդուածին մէջ անդրադարձած է երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին, ժողովրդավարութեան վիճակին, «Եւրոտեսիլ 2012»ի նախապատրաստութեան՝ մերկացնելով Ատրպէյճանի իշխանութիւնները:
Թերթը նշած է, թէ մինչ «Եւրոտեսիլ 2012»ը Պաքուի մէջ կատարելու որոշումը ներկայացուած էր իբրեւ յաղթանակ, հետաքրքրական է այն, որ մրցումը գլխացաւ դարձած է իշխանութեանց համար: Ըստ թերթին՝ ցարդ 277 միլիոն տոլար [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ռուսիա ՆԱԹՕի Հակահրթիռային Ցանցին Դէմ Քայլերու Պիտի Դիմէ

Ռուսիա ՆԱԹՕի Հակահրթիռային Ցանցին Դէմ Քայլերու Պիտի Դիմէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպան հեռահաս հրթիռներէ պաշտպանելու նպատակով, ՆԱԹՕն արդէն իսկ սկսած է կազմելու հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգ մը, որմէ մասեր տեղադրուած են Թուրքիոյ Մալաթիա քաղաքին մօտ, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, իսկ հրամանատարական կէտը կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ: Ռուսիա, որ այդ համակարգը իրեն ուղղուած սպառնալիք կը նկատէ, որոշած է հակահրթիռային այս ցանցին դէմ որոշ քայլերու [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Ամէն Հայ Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Զէնք Կրելու». Մովսէս Յակոբեան

«Ամէն Հայ Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Զէնք Կրելու». Մովսէս Յակոբեան

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ռեկնում».-  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը պատիւով կատարեց իր պարտքը եւ ստիպեց հակառակորդին՝ զինադադարի գծով համաձայնագիր կնքելու։ Արցախի համալսարանին մէջ ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարութիւն կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը:
«ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի համար խաղաղութիւնը յարաբերական է, քանի որ այսօր առաջնագծում հնչում են կրակոցներ, հակառակորդը փորձում է ռազմական-հետախուզական գործողութիւններ իրականացնել, [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Շուշիի Ազատագրութեան 20ամեակին Առիթով՝ Տօնական Շքեղ Համերգ

Շուշիի Ազատագրութեան 20ամեակին Առիթով՝ Տօնական Շքեղ Համերգ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Հակառակ յորդառատ անձրեւին, 8 Մայիսին Շուշիի բերդի մօտակայ տարածութեան մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքի ազատագրութեան 20ամեակին նուիրուած հիանալի համերգ: Համերգին ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, որոնք կը պարէին ու կ՛երգէին մասնակիցներուն հետ, կը պարէին ժողովրդական պարեր ու կ՛երգէին հայրենասիրական երգեր: Նոյն վայրին մէջ իրենց գործերը ցուցադրած էին ժողովրդական վարպետները: Տօնակատարութեան խանդավառութիւնն ու իւրայատկութիւնը եղաւ [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Վահան Յովհաննիսեան Ընտրութեան Արդիւնքները Իշխանափոխութեան Գործընթացի Նոր Սկիզբ Կը Նկատէ

Վահան Յովհաննիսեան Ընտրութեան Արդիւնքները Իշխանափոխութեան Գործընթացի Նոր Սկիզբ Կը Նկատէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան 8 Մայիսին անդրադարձած է 6 Մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Ան յայտնած է, որ ընտրութիւններուն վերաբերող ՀՅԴի յայտարարութիւնը, մասնաւորապէս, իշխող քոալիսիոնի կուսակցութիւններու անուանումներուն դիմաց «նկարուած թուերի» մասին, կը վերաբերի բոլորի, առանց բացառութեան, նաեւ՝ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան։ «Քոալիսիան մէկ եւ միասնական կուսակցութիւն չէ: Այսինքն՝ ով որքանով է [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Միասնական Յանձնախումբը Հանդէս Պիտի Գայ Ամփոփիչ Յայտարարութեամբ

Միասնական Յանձնախումբը Հանդէս Պիտի Գայ Ամփոփիչ Յայտարարութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի քաղաքագէտներու միութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը՝ տեղեկացնելով, որ ի յաւելումն ընտրութեան օրը իր հրապարակած յայտարարութիւններուն, հանդէս պիտի գայ նաեւ ամփոփիչ յայտարարութեամբ:
«Մայիս 7ին, ժամը 18ին Հայաստանի քաղաքագէտներու միութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած է ընտրութիւններու հանրային վերահսկողութեան միջկուսակցական միասանական յանձնախումբի աշխատանքային նիստ, որուն մասնակցած են Լեւոն Զուրապեան, Վարդան Օսկանեան, Արմէն Ռուստամեան, Հմայեակ Յովհաննիսեան: [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Զօրքերը Պատրաստ Են Բարձր Մակարդակի Զօրահանդէսի

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Զօրքերը Պատրաստ Են Բարձր Մակարդակի Զօրահանդէսի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մեծ շուքով պիտի նշուի Մայիսեան եռատօնը: Յաղթանակի տօնին, Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրութեան 20րդ տարեդարձին առթիւ 9 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ զօրահանդէս։  Ապա բացումը պիտի կատարուի բանակի մարտական ուղիին եւ առօրեային նուիրուած լուսանկարներու ու սպառազինութեան ցուցահանդէսին: Երեկոյեան պիտի կայանայ տօնական համերգ Ս. Շահումեանի անուան մարզադաշտին մէջ: Պիտի կատարուի [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Գիրք Մնացորդաց»՝ Չարենցի Նորայայտ Անտիպ Ժառանգութիւնը

«Գիրք Մնացորդաց»՝ Չարենցի Նորայայտ Անտիպ Ժառանգութիւնը

«Նայիրի» հրատարակչութիւնը Դաւիթ Գասպարեանի աշխատասիրութեամբ լոյս ընծայած է Եղիշէ Չարենցի «Գիրք մնացորդաց» անտիպ ժառանգութեան (Երեւան, 2012, 440 էջ, 500 օրինակ):
Գիրքը կ՛ընդգրկէ Ե. Չարենցի նորայայտ անտիպ ժառանգութիւնը: Հրատարակութիւնը կը նպատակադրէ այս հատորներով ամփոփել եւ գրասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ դնել մեծ գրողին վերջին տարիներու հարուստ վաստակը, որ ցրուած վիճակի մէջ մնացած է։
Գիրքին սկիզբը տեղ գտած է Դ. [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արամ Մանուկեան. «ՀԱԿը ՍԴ Կը Դիմի ԱԺ Ընտրութիւնների Արդիւնքները Չեղեալ Յայտարարելու Պահանջով»

Արամ Մանուկեան. «ՀԱԿը ՍԴ Կը Դիմի ԱԺ Ընտրութիւնների Արդիւնքները Չեղեալ Յայտարարելու Պահանջով»

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- ՀՀՇ վարչութեան նախագահ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի ներկայացուցիչ Արամ Մանուկեանը յայտնած է, որ ՀԱԿը  կը պատրաստուի դիմելու Սահմանադրական դատարան՝ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները չեղեալ նկատելու պահանջով: Այդ մասին Մանուկեան յայտարարած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքին ընթացքին:
Անոր համաձայն, նման դիմումի համար հիմք կը ծառայէ մասնաւորապէս Սարգսեանի եւ գործադիր իշխանութեան այլ բարձրաստիճան անձերուն [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեխաներու Թերաճութեան Խնդիրը՝ Առաջնակարգ Ու Անմիջական

Երեխաներու Թերաճութեան Խնդիրը՝ Առաջնակարգ Ու Անմիջական

Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, Հայաստանին մէջ  իւրաքանչիւր կին միջին հաշուով կ՛ունենայ 1.7 երեխայ, ինչ որ շատ աւելի ցած է, քան անհրաժեշտ է բնակչութեան վերարտադրողականութիւնը ապահովելու համար:
Այդուհանդերձ, Հայաստանի առողջապահութեան եւ ժողովրդագրութեան հարցերու վերջին՝ 2010 թուականին կատարուած հետազօտութիւնը, ըստ մասնագէտներու, արձանագրած է նաեւ շարք մը դրական արդիւնքներ:
Յատկանշական է, որ մանկական մահացութիւնը 2000-2005 թուականներու հետ բաղդատած կրճատուած է երկու [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հոլանտի Խորհրդականը Ցեղասպանութիւնը Կը Կապէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան Անդամակցութեան

Հոլանտի Խորհրդականը Ցեղասպանութիւնը Կը Կապէ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան Անդամակցութեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երկուշաբթի, Մայիս 7ին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին՝ յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսայի նոր նախագահը կը նպաստէ Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւններու զարգացման:
«Յոյսով ենք, որ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ դուք հաշուի կ՛առնէք նաեւ Թուրքիոյ համար զգայուն հարցերը», նշած է Կիւլ՝ անուղղակիօրէն ակնարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը ապահովելու մասին [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ատրպէյճան Կը Փորձէ Շուքի Մէջ Ձգել Արցախեան Տօնակատարութիւնները

Ատրպէյճան Կը Փորձէ Շուքի Մէջ Ձգել Արցախեան Տօնակատարութիւնները

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Ատրպէյճանական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն առնչուող  ապատեղեկատուութիւն տարածած է՝ փորձելով ստուերի մէջ ձգել Մայիս 9ի առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները։ Այս մասին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժնի պետ Սենոր Հասրաթեանը:
Արդարեւ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները երեւակայածին լուրեր տարածած են այն մասին, որ «հայկական ռազմական խումբը հատած [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սասունցի Հայերը Կը Փնտռեն Ս. Աստուածածինի Անհետացած Դուռը

Սասունցի Հայերը Կը Փնտռեն Ս. Աստուածածինի Անհետացած Դուռը

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պաթման նահանգի, Սասուն գաւառի Հայոց միութիւնը կը փնտռէ քանի մը տարի առաջ պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անհետացած երկաթեայ դուռը, որ կը կշռէր առնուազն 300 քլկ.: Այդ ուղղութեամբ, Սասունցի Հայոց միութեան անցեալ Յուլիսին ուղարկած նամակին պատասխանած է Մշակութային եւ բնական հարստութիւններու պաշտպանութեան Բարձրագոյն խորհուրդի շրջանային տեսչութիւնը, որ նշած է, թէ եկեղեցին 2008էն ի վեր [...]

May 8th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԵԽ Պատուիրակութեան Ղեկավարին Համաձայն, Հայաստանի Ընտրութիւնները Յառաջընթաց Արձանագրած Են

ԵԽ Պատուիրակութեան Ղեկավարին Համաձայն, Հայաստանի Ընտրութիւնները  Յառաջընթաց Արձանագրած Են

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ թափանցիկ, ժողովրդավարական եւ արդար մրցակցային ընտրութիւններու կայացման կարեւորութեան: 7 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի պատուիրակութեան ղեկավար Քշիշթոֆ Լիսեքը: «Այս ընտրութիւնները պէտք է տրամադրէին բազմակարծութիւն արտայայտելու կարելիութիւն, քաղաքական քննարկումներու եւ խօսքի ազատութիւն, լրատուամիջոցներուն մէջ քաղաքական բոլոր ուժերուն համար տեղ ունենալու հաւասար [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Արցախ Մեկնած Է Մասնակցելու Եռատօնին

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Արցախ Մեկնած Է Մասնակցելու Եռատօնին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 7 Մայիսին ուղղուած է Արցախ՝ մասնակցելու Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին եւ Յաղթանակի տօնին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն։ Վեհափառ հայրապետի կ՛ընկերակցին Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռի Հրատարակչական բաժինի տնօրէն Նաթան եպս. Յովհաննիսեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեան եւ գաւազանակիր Անանիա աբեղայ [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մեծամասնական Ընտրակարգով Միայն Երկու Կին Ընտրուած Է

Մեծամասնական Ընտրակարգով Միայն Երկու Կին Ընտրուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 41 մեծամասնական ընտրական շրջաններուն մէջ ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 11 կիներ, որոնցմէ միայն երկուքը պատգամաւոր ընտրուեցան։
Թիւ 17 ընտրատարածքին մէջ պատգամաւոր ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Կարինէ Պօղոսեանը, իսկ թիւ 40ին մէջ՝ անկուսակցական, «Ինթըրնեշընըլ Մասիս թապաք» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարինա Մարաբեանը: Վերջինին կ՛աջակցէր Հանրապետական կուսակցութիւնը։

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Միասնական Ընտրական Վերահսկման Մարմինը Տակաւին Իր Կեցուածքը Չէ Ճշդած

Միասնական Ընտրական Վերահսկման Մարմինը Տակաւին Իր Կեցուածքը Չէ Ճշդած

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ընտրութիւններու վերահսկումը ղեկավարող մարմինը, որ կազմուած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսէն, կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, թէեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք զերծ մնացած էր միացեալ յայտարարութենէ:
Հայաստանի քաղաքագէտներու միութեան նախագահ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան համամասնական ցանկին մաս կազմող, միասնական ղեկավարման մարմինի համակարգող Հմայեակ Յովհաննիսեանի համաձայն, միասնական մարմինը ընտրութիւններու [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Լեւոն Յովսէփեան «Թուրքիայի Վախերը. Սեւրի Սինտրոմը»

Լեւոն Յովսէփեան «Թուրքիայի Վախերը. Սեւրի Սինտրոմը»

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Երեւանի մէջ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի Թուրքիոյ բաժնի գիտաշխատող Լեւոն Յովսէփեանի «Թուրքիայի վախերը. Սեւրի սինտրոմը: Սեւրի սինտրոմի դրսեւորումները Թուրքիոյ հասարակական-քաղաքական քննարկումներում» («The Fears of Turkey: The Sռvres Syndrome. Manifestations of the «Sռvres Syndrome» in Turkey՛s Socio-Political Discourse») վերնագիրով գիրքը: Փաստերու հիման վրայ գիրքին մէջ փորձ [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեւանի Մէջ՝ Ոսկերչական Ուսուցման Անվճար Դպրոց

Երեւանի Մէջ՝ Ոսկերչական Ուսուցման Անվճար Դպրոց

ԵՐԵՒԱՆ, «Երեւան».- Երեւանի թիւ 1 քոլեճին մէջ պիտի բացուի Հայ ոսկերիչներու միութեան ոսկերչական դպրոց։ Անիկա պիտի գործէ «Նիւէստետ» ոսկերչական գործարանին մէջ, ուր եւ թիւ 1 քոլեճին մէջ պիտի կայանան հիմնական դասընթացները: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, դպրոցին մէջ ուսուցումը պիտի ըլլայ անվճար եւ զայն պիտի հովանաւորէ Հայ ոսկերիչներու միութիւնը:
Հայ ոսկերիչներու միութեան կ՛անդամակցին բազմաթիւ հայ [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երկու Հարիւր Երիտասարդներ՝ Քայլարշաւով Ստեփանակերտէն Ուղղուեցան Շուշի

Երկու Հարիւր Երիտասարդներ՝ Քայլարշաւով Ստեփանակերտէն Ուղղուեցան Շուշի

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».-  7 Մայիսին Ստեփանակերտէն ընթացք առաւ երիտասարդական քայլարշաւ մը՝ Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին առիթով։  Շուրջ 200 երիտասարդներ՝ Արցախի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն, զինուորներ, կամաւորականներ եւ վիրահայ երիտասարդներ քայլարշաւով Ստեփանակերտէն ուղղուեցան Շուշի:
Շարժումին մասնակիցները հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի, փոխնախարար Գայիանէ Գրիգորեանի եւ ԼՂ ինքնապաշտպանական ուժերու առաջին հրամանատար Արկադի Կարապետեանի [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մայիս 9ին Ռազմական Շքերթ Պիտի Կատարուի Ստեփանակերտի Մէջ

Մայիս 9ին Ռազմական Շքերթ Պիտի Կատարուի Ստեփանակերտի Մէջ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 9 Մայիսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ռազմական շքերթ՝  նուիրուած Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման: Ռազմական շքերթը կազմակերպողները կը հաստատեն, որ անիկա պիտի գերազանցէ ցարդ կայացած բոլոր շքերթները։
Յիշեցնենք, որ Ստեփանակերտի մէջ վերջին անգամ ռազմական շքերթ կատարուած էր 2007ին:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավարին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, շքերթը [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նորընտիր Ազգային Ժողովը Անդրանիկ Նիստը Պիտի Գումարէ 31 Մայիսին

Նորընտիր Ազգային Ժողովը Անդրանիկ Նիստը Պիտի Գումարէ 31 Մայիսին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նիստը  պիտի գումարուի պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն երկու երրորդի ընտրութիւնէն ետք՝ երրորդ Հինգշաբթի օրը: Քուէարկութեան արդիւնքները արդէն կը յստականան եւ անոնց ամփոփումէն ետք պաշտօնական հրապարակումը պիտի կատարուի 13 Մայիսին։
Այսպիսով, նորընտիր Ազգային ժողովը իր անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ 31 Մայիսին։ Այդ ժողովին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ կ՛ընտրուի Ազգային ժողովի [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մայիսեան Եռատօնի Առիթով՝ Նախագահ Սահակեան Պարգեւատրած Է Ազատամարտիկներ եւ Վեթերաններ

Մայիսեան Եռատօնի Առիթով՝ Նախագահ Սահակեան Պարգեւատրած Է Ազատամարտիկներ եւ Վեթերաններ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».-  Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան առիթով 7 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Նախագահը շնորհաւորած է ներկաները՝ Եռատօնի առթիւ եւ պետական պարգեւներ յանձնած է խումբ մը երախտաւորներու: Իր խօսքին մէջ նախագահը ընդգծած է, որ մայիսեան փառաւոր յաղթանակները ապացուցեցին ամբողջ աշխարհին, [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Վիրաւորուածներուն 75ը Տակաւին Կւ Բուժուին

Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ Վիրաւորուածներուն 75ը Տակաւին Կւ Բուժուին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 7 Մայիսի դրութեամբ Երեւանի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը բուժուին 4 Մայիսին Հանրապետական հրապարակին վրայ ծագած հրդեհին պատճառով տարբեր աստիճանի վէրքեր ու այրուածքներ ստացած 75 քաղաքացիներ: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, անոնցմէ 15ը կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքը: Հիւանդներուն վիճակը կայուն կը նկատուի։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայկական հոգեբուժական միութեան համադրուած ջանքերով, հոգեբանական օժանդակութիւն ցուցաբերուած է 124 [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀՀԿ Դրոշմակնիք. Արդեօք Անհետացող Թանաքը Տեխնիկական Թերացու՞մ, Թէ՞ Հնարք 2012ի Քուէարկութեան Ժամանակ

ՀՀԿ Դրոշմակնիք. Արդեօք Անհետացող Թանաքը Տեխնիկական Թերացու՞մ, Թէ՞ Հնարք 2012ի Քուէարկութեան Ժամանակ

ԳԱՅԻԱՆԷ ՄԿՐՏՉԵԱՆ*
Անձնագրերում արագ անհետացող դրոշմակնիքները դարձան այս խորհրդարանական ընտրութիւնների առանցքային ընտրախախտումներից մէկը, ինչն էլ շատերն անուանեցին իշխանութեան կողմից լաւ մտածուած աճպարարութիւն:
Ի տարբերութիւն 2008ի նախագահական ընտրութիւնների ժամանակ անձնագրերում դրուող չանհետացող դրոշմակնիքների, այս ընտրութիւնների ժամանակ որոշում էր կայացուել, որ անձնագրերի 32րդ էջում դրուող դրոշմակնիքը պահպանուելու է 12 ժամ:
Յիշեցնենք, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն էր բացառել կրկնակի քուէարկութիւնը, ինչը, [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մեծամասնական Ընտրաշրջաններուն Մէջ Յաղթողներուն Անունները

Մեծամասնական Ընտրաշրջաններուն Մէջ Յաղթողներուն Անունները

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծամասնական ընտրակարգով, ըստ ընտրաշրջաններու ոչ պաշտօնական նախնական տուեալներուն, յաղթած են հետեւեալ թեկնածուները.
1. Ռուբէն Հայրապետեան, ՀՀԿ – 2. Սամուէլ Ֆարմանեան, ՀՀԿ – 3. Արթուր Ստեփանեան, ՀՀԿ – 4. Արտակ Սարգսեան, ՀՀԿ – 5. Արթուր Գէորգեան, ՀՀԿ – 6. Ռուբէն Յովսէփեան, ՀՀԿ – 7. Սամուէլ Ալեքսանեան, ՀՀԿ – 8. Կորիւն Նահապետեան, ՀՀԿ – 9. Ռուբէն [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Դաշնակցութիւնը Դժգոհ Է Ընտրութիւններու Արդիւնքներէն

Դաշնակցութիւնը Դժգոհ Է Ընտրութիւններու Արդիւնքներէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին արտայայտած է կուսակցութեան դժգոհութիւնը՝ 6 Մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն արդիւնքներուն գծով:
Անոր համաձայն, ընտրութիւններուն «յաղթեց փողը, եւ ընտրակաշառքը վճռորոշ ազդեցութիւն ունեցաւ ընտրութիւնների արդիւնքների վրայ»:
«Ոչ թէ ընտրութիւններով արտայայտուել է ժողովրդի կամքը, այլ արձանագրուել են այն քուէները, որոնք ձեռք են բերուել ընտրակաշառքով», ըսած է [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նախագահ Սահակեան Մասնակցած Է Եռատօնին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

Նախագահ Սահակեան Մասնակցած Է Եռատօնին Նուիրուած Ցուցահանդէսին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Մայիսին  Ստեփանակերտի «Արցախ Փարք» պանդոկին մէջ մասնակցած է Յաղթանակի տօնին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին առիթով տեղի ունեցած ցուցահանդէսին։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ան յատուկ կերպով շեշտը դրած է մայիսեան Մեծ եռատօնին առիթով պատրաստուած աշխատութիւններու եւ կոթողներու ստեղծման կարեւորութեան՝ զայն նկատելով հայրենասիրական [...]

May 7th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ազատ Տնտեսական Գօտիները Վեց Ամիսէն Պիտի Սկսին Գործելու

Ազատ Տնտեսական Գօտիները Վեց Ամիսէն Պիտի Սկսին Գործելու

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ռաօ Մարս» եւ «Երմմկհի» ընկերութիւններու տարածքին մէջ ստեղծուած ազատ տնտեսական գօտիները Հոկտեմբերին արդէն գործելու պատրաստ կ՛ըլլան։ Այս մասին նշեց Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեանը: Այդ առումով ան կարեւոր նկատեց վերջերս «Սիտրոնիքա Արմենիա» ընկերութեան հետ կնքած համաձայնագիրը, որ գործընթացին սկսելու վերջին փաստաթուղթն էր: Այս համաձայնագիրին մէջ յստակացուած է ազատ տնտեսական գօտիի կազմակերպման, անոր մէջ [...]

May 4th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մել Կիպսըն Պիտի Նկարահանէ Վարդանանց Հերոսամարտը

Մել Կիպսըն Պիտի Նկարահանէ Վարդանանց Հերոսամարտը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մասին Հոլիվուտի հետ համագործակցաբար պատմական ժապաւէն նկարահանելու գծով արդէն հայ գործարար մը համաձայնութիւն կայացուցած է աշխարհահռչակ բեմադիչ ու դերասան Մել Կիպսընի հետ։ Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը 4 Մայիսին՝ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, Հայաստանի մշակոյթի, արուեստի եւ գիտութեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
«Ես խնդրել եմ մի հայ գործարարի, ով [...]

May 4th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »