Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզի (Դ., Նիւ Ճըրզի) եւ Թետ Քրուզի (Հ., Թեքսաս) հեղինակած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Ծերակոյտին կողմէ, …
Անգարա Կը Դատապարտէ Պատժամիջոցներու Բանաձեւին Հաստատումը
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 12 Դեկտեմբերին դատապարտեց Ծերակոյտին Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբին կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող բանաձեւին հաստատումը:
Արամ Ա. Վեհափառը Շնորհաւորեց Պոլսոյ Հայոց Նորընտիր Պատրիարքը
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Խաչիկ Ճանել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ուղղած իր 11 Դեկտեմբեր թուակիր նամակով կը հաղորդէր Սահակ եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը՝ իբրեւ պատրիարք:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Շնորհաւորեց Պոլսոյ Հայոց Նորընտիր Պատրիարքը
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 12 Դեկտեմբերին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն իր օրհնութիւնը եւ շնորհաւորանքները յղեց Սահակ եպս. Մաշալեանին՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարք ընտրուելուն առիթով:
Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան Ընտրուեցաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ չորս Նուիրապետական աթոռներէն մէկը՝ Թուրքիոյ Պատրիարքական աթոռը, որ 2008էն ի վեր թափուր կը մնար, 11 Դեկտեմբերին ունեցաւ իր նոր գահակալը՝ 85րդ պատրիարքը։
Հայաստանի Բնակիչները Գոհ Են Փտածութեան Դէմ Կառավարութեան Մղած Պայքարէն եւ Լաւատես՝ Երկրին Ապագային Նկատմամբ
Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (ՄՀՀ) Հասարակական հարցումներու կեդրոնին կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ կառավարութեան կողմէ ի գործ դրուած փտածութեան դէմ ջանքերը կը վայելեն մեծ աջակցութիւն, եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը լաւատես է երկրին ապագային նկատմամբ:
Հայ Դատը Կ՛ողջունէ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Բանաձեւին Վաւերացումը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանող Ծերակոյտին թիւ 2641 բանաձեւին վաւերացումը՝ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, որ տեղի ունեցաւ 11 Դեկտեմբերին։
«Բանակցային Գործընթաց Չկայ Ու Չի Էլ Եղել». Արայիկ Յարութիւնեան
Արցախի Հանրապետութեան նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, որ յառաջիկայ տարի կայանալիք Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու է, Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման շուրջ բանակցութիւններ չկան:
«Փաշինեանի Յայտարարութիւններն Անհետեւողական Են Եւ Հակասական». Կիրօ Մանոյեան
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները՝ առնուազն Արցախի հարցին վերաբերող, անհետեւողական են եւ հակասական։
Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2020ը Հռչակեց «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»
Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, 2020ը հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»: