Home » ԼուրերYou are browsing entries filed in “Լուրեր”
ԹԵՀՐԱՆ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ այս օրերուն պաշտօնական այցով կը գտնուի Իրան, տեղեկանալով Սուրիոյ Հոմս քաղաքի հայոց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման մասին, անմիջապէս հանդէս եկած է դատապարտող յայտարարութեամբ, որուն մէջ մասնաւորապէս շեշտած է, թէ «…. Կրօնական-եկեղեցական կեդրոններու եւ սրբութիւններու դէմ յարձակումը խստօրէն դատապարտելի է մեր կողմէ»:
Արամ Ա. նոյն յայտարարութեան մէջ յոյս յայտնած [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան Հինգշաբթի օր տարածած է յայտարարութիւն մը՝ յստակացնելով, որ նպատակայարմար չի գտներ համախոհական կառավարութեան մաս կազմել: Ծառուկեանի յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան 6րդ համագումարում իմ եւ իմ թիմակիցների ելոյթների առանցքը կազմում էր երկրում եւ ժողովրդի կեանքում էական փոփոխութիւնների անհրաժեշտութեան գաղափարը:
«Քարոզարշաւի ողջ ընթացքում մենք հանդէս ենք եկել նոյն [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Սպանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Հինգշաբթի, Մայիս 24ին, 3ի դէմ 36 քուէներով մերժած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ներկայացուած էր ձախակողմեան պասք ազգայնականներու կողմէ եւ կը վայելէր Միացեալ ձախ խմբակցութեան ու Պաքսերու ազգային կուսակցութեան աջակցութիւնը:
Սակայն, իշխող Ժողովրդային կուսակցութեան եւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան երեսփոխանները դէմ կեցած [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Մայիս 24ին, մէկ տարուան ընթացքին երրորդ անգամն ըլլալով, Եւրոպական միութեան խորհրդարանը Սթրազպուրկի մէջ իր լիագումար նիստին ընթացքին, ուժգին ձեւով դատապարտեց Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներու եւ խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումներն ու որոշ մարզերու մէջ արժէքներու ամբոջական պակասը՝ յստակ կոչ ուղղելով Եւրոմիութեան ղեկավարութեան, [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Թաթուլ Անու-շեան այցելած է Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին: Այս առիթով լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան նշած է, որ Վանի երկրաշարժէն ետք ասիկա իր առաջին այցելութիւնն է կղզի:
«Ուրախ եմ, որ եկեղեցին երկրաշարժէն չէ տուժած: Ասիկա ցոյց կու տայ երկրաշարժներուն դիմացող Անատոլիոյ հողերուն ուժը։ Կը [...]
May 24th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Այս տարուան առաջին եռամսեակին, Ատրպէյճանի պետական ծախսերուն մասին Հինգշաբթի, Մայիս 24ին հրապարակուած մանրամասնութեանց համաձայն՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան մարզին տրամադրուած գումարը 193.25 միլիոն տոլար եղած է, ինչ որ 37.3 տոկոսի աճ մըն է՝ բաղդատած անցեալ տարուան առաջին եռամսեակի տուեալին:
May 24th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 12 Մայիս 2012ը գործունէութեան հարուստ օր մը հանդիսացաւ ՀՄԸՄի համար: Վեն Նայսի «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի շրջափակը դարձեալ եռուզեռի մէջ էր, համախմբուած էին շրջանի հայկական վարժարաններու մարզիկ աշակերտ-աշակերտուհիները, իրենց ուսուցիչներուն, տնօրէններուն եւ ծնողներուն հետ: Ուրախ էր մթնոլորտը, որովհետեւ տեղի կ՛ունենար Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական 28րդ Մրցումներու՝ ՔԱՀԱՄի փակման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:
Օրուան [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մայիս 22ին մասնակցած է Պոսթընի կեդրոնը գտնուող Հայկական ժառանգութեան այգիի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի պաշտօնական բացման արարողութեան, եւ ըսած է, թէ հայը երբե՛ք չի մոռնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ցեղասպանութեան յուշարձանին բացումը խորհրդանշող ժապաւէնը կտրած են ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մեսեչուսեցի նահանգապետ Տեւալ Փաթրիք, քոնկրեսական Էտ Մերգի, [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «eMedia.am».- Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ յարձակման ենթարկուած են հայկական եկեղեցին եւ «Սահակեան» հայկական դպրոցը: Այս մասին յայտնած է «Նուվել տ՛Արմէնի»ն։ Յարձակողները սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներն են:
Դպրոցը կը պատկանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ենթակայ է Դամասկոսի մէջ գտնուող թեմին: Հայկական դպրոցը կը գտնուի Համիտիէ շրջանին մէջ, ուր մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ արաբներ են։
Ընդդիմադիր ուժերը, որոնք թալանած են հայկական [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՋՈՒՂԱ, «Արմէնփրէս».- Իրանի սահմանապահ մարմինները Չորեքշաբթի, Մայիս 23ին կասեցուցած են Նախիջեւանի æուղա քաղաքէն ատրպէյճանական բեռնատար ու մարդատար ինքնաշարժներու մուտքը դէպի երկիր:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ æուղա քաղաքէն դէպի Իրան գացող ճանապարհին վրայ կուտակուած են բազմաթիւ ինքնաշարժներ եւ փոխադրակառքեր, որոնք իրանցի սահմանապահներէն արտօնութիւն չեն կրցած ստանալ՝ իրանեան սահմանին մօտենալու: Միաժամանակ, Իրան հինգ անգամով բարձրացուցած է սահմանը հատելու համար [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ա1+».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 Մայիսին հանդիպում ունեցած է նոյն օրը Արցախ ժամանած Ֆրանսայի խումբ մը ծերակուտականներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ԼՂՀի ներքին կեանքին, արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Բակօ Սահակեան անդրադարձած է նման հանդիպումներու յաճախականութեան կարեւորութեան՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Արցախ մեծապէս շահագրգռուած [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շիքակոյի մէջ կայացած ՆԱԹՕի գերաստիճանին համար Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ Երկուշաբթի, Մայիս 21ին մօտ կէս ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, շարք մը հարցերու կողքին՝ քննելով նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքները:
Ըստ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան՝ Օպամայի հետ հանդիպումէն ետք Կիւլ լրագրողներուն ըսած է, թէ խորհրդակցութիւններ տեղի [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով նշած է, որ 24 Մայիսին պիտի կայանայ ՀՀԿի գործադիր մարմինի նիստ, որմէ ետք պիտի որոշուի իշխանական նոր ձեւաչափը, ինչպէս նաեւ համամասնական ընտրակարգով Հանրապետական կուսակցութենէն պատգամաւոր եղողներուն ցանկը:
Շարմազանով չբացառեց, որ կարելի չըլլայ բոլոր հարցերուն լուծում գտնել այս նիստին ընթացքին՝ հաւանական նկատելով, որ այլ նիստ մը եւս գումարելու [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց «Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտ»ի հիմնադրութիւնը, որուն նպատակը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելն է Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարաններուն:
«Սուրիոյ մէջ զարգացող ցաւալի դէպքերը բնականաբար խանգարած են կեանքի բնականոն ընթացքը: ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաւատայ, որ վարժարաններու բնականոն գործունէութեան ապահովումը կարեւորագոյն երաշխիքն է հայ մատղաշ սերունդի առօրեան բնականոն հունի մէջ պահելու», յայտարարեց ՀՕՄի Կեդրոնական [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլաեւ Երեքշաբթի, Մայիս 22ին ողջունեց ՆԱԹՕի Շիքակոյի գերաստիճանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին այն բաժինը, որ յատկացուած է Արցախի տագնապին՝ պնդելով, թէ ան «ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին»:
Ակնարկելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին կատարած այն յայտարարութեան, թէ բանաձեւը կը հակադրուի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի առաջարկած սկզբունքներուն [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրնայ զսպել իրանեան սպառնալիքը՝ օժանդակելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման. այս մասին «Քոքըսըս Ինթըրնեշընըլ» ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը մէջ գրած է «Հերիթեճ» հիմնադրամի փորձագէտ Արիէլ Քոհեն:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կարգաւորման հարցով աւելի մեծ ջանքեր գործադրելու պարագային, Ամերիկա աւելի մեծ հնարաւորութիւններ պիտի ունենայ իրանեան հարցի լուծման համար», նշած է ամերիկացի փորձագէտը, որ [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Հորիզոն» հեռատեսիլի կեդրոնէն սփռուած եւ «Էյ.Ար.Թի.Էն» ու «Եու.Էս.ԷՅ. Արմինիա» կայաններէն վերասփռուած Հայ Դատի թելեթոնը, ամբողջ վեց ժամ լարուած պահեց ամերիկահայութիւնը, որ հակառակ տնտեսական ճգնաժամին ստեղծած աննպաստ մթնոլորտին, լիաբուռն մասնակցութեամբ գոյացուց 2 միլիոն 215 հազար տոլար:
Հանգանակութեան սփռումը դադրած ըլլալով հանդերձ, կեդրոն հասնող հեռախօսները չէին դադրեր հնչելէ: Իրականութեան մէջ, զարմանալիօրէն, ամբողջ վեց ժամուան ընթացքին հազիւ [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- Կիրակի, Մայիս 20ին, Շիքակոյի մէջ կայացող ՆԱԹՕի գերաստիճանի ընթացքին վաւերացուած է պաշտօնական հռչակագիր մը, ուր, այլ հարցերու շարքին կը յիշատակուի նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը: Կառոյցը մտահոգութիւն կը յայտնէ Հարաւային Կովկասի եւ Մոլտովայի սառեցուած հակամարտութիւններու առնչութեամբ եւ կ՛ընդգծէ, թէ կ՛աջակցի Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան եւ կը շարունակէ սատարել տարածաշրջանային այս հակամարտութիւններու կարգաւորման [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, ՆԱԹՕի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, Շիքակոյի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ. ընթացքին ան խոստացած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով «մինչեւ վերջ» աջակցիլ Ատրպէյճանի. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը:
May 21st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Մայիս 21ին տուն կանչեց Ատրպէյճանի մօտ իր երկիրի դեսպան Մուհամետ Պաքիր Պահրամին. այս մասին հաղորդած է «Սալամնիուզ» լրատու գործակալութիւնը՝ այդ որոշումին իբրեւ պատճառ նշելով Պաքուի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին Իրանի գերագոյն կրօնապետի հասցէին կատարուած վարկաբեկիչ յայտարարութիւնները:
Կը հաղորդուի նաեւ, թէ դիւանագէտը Թեհրան կանչուած է խորհրդակցութեանց համար: [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանը ՀԱՊԿի լիիրաւ անդամ է եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ կառոյցէն պիտի ստանայ համապատասխան օգնութիւն, Երկուշաբթի, Մայիս 21ին ըսած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ դիրքորոշում պիտի որդեգրուի ՀԱՊԿի կողմէ, եթէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ ռազմական յարձակում տեղի ունենայ:
«Եթէ Հայաստանի հանդէպ գործադրուին ոչ բարեկամական գործողութիւններ, ապա ՀԱՊԿի անդամ պետութիւնները Հայաստանի [...]
May 21st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը անցեալ շաբաթ Երեւանի մէջ գիշերային ակումբի հրդեհման մասին:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Երեւանի մէջ ձեռնարկութեան մը դէմ կատարուած յանցագործութիւնը: Մենք նոյնքա՛ն խստութեամբ կը դատապարտենք այդ յանցագործ արարքին տուն տուող անհանդուրժողութեան ու սեռային նախասիրութեանց հիման վրայ խտրականութեան մտայնութիւնը: Մենք կ՛ակնկալենք, որ յանցագործները բռնուին եւ արժանանան օրէնքով [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Խմբագրական, Հարցազրոյց, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ տէր եւ տիկ. Գագիկ եւ Մատին Գէորգեան սիրայօժար ընդունած են ստանձնել պատուոյ նախագահութիւնը՝ ՀՄԸՄի 37րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Գագիկ Գէորգեան նախագահն է Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութեան եւ «Estet Jewelry House»ին: Ահա կատարելագործուած արհեստավարժ մը, որ աւելի քան 30 տարիներ ծառայելով գոհարեղէնի արդիւնաբերական մարզէն ներս՝ բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրած եւ համաշխարհային ճանաչման [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՏԱՐՈՒԱՆ ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԸ ՇՆՈՐՀՈՒԵՑԱՒ
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻՆ
Շաբաթ, 12 Մայիս 2012ի կէսօրէ ետք ժամը 3:30ին, Վեն Նայսի «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ ամիսներով սպասուած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերուն:
Հանդիսութենէն առաջ, ժամը 2:45ին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին զետեղուած խաչքարին առաջ օրհնուեցաւ «Նաւասարդեան»ի փոքր ջահը, նոյն եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի ձեռամբ: Արարողութեան ներկայ էին [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ.- 17 Մայիսին Ռոտ Այլընտի Ներկայացուցչական տունը որդեգրեց բանաձեւ մը՝ պահանջելով, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, թէ Արցախի պետութիւնը հետեւողականօրէն կը գործէ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ շարունակ ճիգ կը թափէ միջազգային մակարդակի վրայ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար:
Այս յատուկ նիստին մասնակցելու համար Ուաշինկթընի իր կեդրոնատեղիէն ժամանած [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի երեկոյեան Մանաս Պուճիքեանի մօտիկ մարդիկ հաւաքուած էին «Ֆինիշիա» ճաշարանը՝ տօնելու համար Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի հիմնադիր վարչութեան անդամ, Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան յարատեւօրէն սատարող, համայնքիս միութենական կեանքին իր մշտական ներդրումը բերած սիրելի ընկերոջ եւ բարեկամին 80րդ տարեդարձը: Հաւաքոյթը անակնկալ էր Մանասի համար:
Երեկոն վերածուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին զօրակցութիւն յայտնելու առիթի. ներկաները փոխան նուէրի, [...]
May 18th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաջին լրատուական».- Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ համանախագահ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը, խօսելով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն հայ համայնքին ունեցած ակնկալութիւններուն մասին՝ յայտնած է, որ Հոլանտ հայութեան խոստացած է չարտօնել Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան։
«Առաջին լրատուական»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Մ. Փափազեան նշած է, որ Հոլանտ հայ համայնքին խօսք տուած է, որ [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»ի խնդրանքով՝ անդրադառնալով DIY ակումբի հրկիզման գծով ՀՅԴին ուղղուած մեղադրանքներուն, յայտնած է, որ որեւէ ձեւի բռնութիւն եւ անօրինականութիւն, անկախ այն իրականութենէն, թէ որո՛ւ կողմէ, որո՛ւ դէմ կը կատարուի, անընդունելի եւ դատապարտելի է ՀՅԴի համար: «Միեւնոյն ժամանակ, անբարոյական եւ նոյնքան դատապարտելի է միջադէպի քաղաքականացման այն երեւոյթը, որի ականատեսն [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Շանթ» Ուսանողական միութիւնը Չորեքշաբթի, 16 Մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտէ Երեւանի մէջ վերջերս ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դրդումով կատարուած յանցագործ արարքը:
Յայտարարութեան մէջ «Շանթ» Ուսանողականը անհանգստութիւն կը յայտնէ Երեւանի գիշերային ակումբներէն մէկուն հրկիզման առթիւ եւ խստօրէն կը դատապարտէ այդ արարքը, որուն կատարողները մղուած էին անհանդուրժողութեան եւ համասեռամոլութեան հանդէպ ատելավառ [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ատրպէյճանի մօտ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար Ռոլան Քոպիա Հինգշաբթի, Մայիս 17ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման նպաստելու համար, փոխադարձ վստահութիւն սերմանելու եւ ընդհանրապէս մթնոլորտի բարելաւման նպատակով առնուելիք քայլերու նոր թղթածրար մը մշակած է:
Ան աւելցուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) գործադիր մարմինը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահոված կուսակցութիւնը քննարկեց յետընտրական զարգացումները: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան գործադիր մարմինի նիստէն ետք, պատասխանելով լրագրողներու հարցին, յայտնեց, որ խառն, համաձայնական կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում չկայ:
ՀՀԿ գործադիր մարմինի յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Մայիս [...]
May 17th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան »Շանթ« Ուսանողական Միութիւնը Չորեքշաբթի, 16 Մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը դատապարտէ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան դրդումով կատարուած յանցագործ արարքը:
May 16th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը վաւերացուցած է շարք մը հայանպաստ առաջարկներ, որոնց շնորհիւ՝ Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը կրնայ 2 միլիոն տոլարէն 5 միլիոն տոլարի բարձրանալ՝ միաժամանակ կը մերժուի Հայաստանի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը 7.5 միլիոն տոլարով կրճատելեու նախագահ [...]
May 16th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ խորհրդարանի եւ «Կանաչներ» կուսակցութեան անդամ Վոլքըր Պեք Պաքուի մէջ Չորեքշաբթի, Մայիս 16ին յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին հիման վրայ:
Ան աւելցուցած է, թէ միայն խաղաղ միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ Արցախի հակամարտութեան երկարամեայ լուծումին:
Ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ Պեք այս հաստատումները կատարած է Պաքուի մէջ [...]
May 16th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական բարիդրացիական քաղաքականութեան գործողութիւններու ծրագիրի իրագործման գծով, Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովին կողմէ հրապարակուած տեղեկագիրին մէջ, Ատրպէյճանէն կը պահանջուի քաղաքական բանտարկեալներու հարցով ամբողջական կերպով համագործակցիլ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին հետ, արագօրէն կատարել 2011ի Դեկտեմբերին վաւերացուած մարդկային իրաւունքներու հարցով ծրագիրը եւ թափանցիկութիւն ապահովել Պաքուի մէջ բնակարաններ քանդելու եւ բնակիչներ հարկադրաբար արտաքսելու հարցով:
Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան [...]
May 16th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Մայիս 16ին, Ատրպէյճանի ճարտարարուեստի եւ ուժանիւթի փոխնախարար Նաթիկ Ապպասով հանդիպում մը ունեցած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնադրամի պաշտօնատարներէն Քարսթըն Մէյերի հետ, շարք մը այլ հարցերու կողքին քննելով նաեւ Հայաստանի Մեծամորի հիւլէակայանի հարցը:
Նկատել տալով, որ Մեծամորի հիւլէակայանը ամբողջ շրջանին համար վտանգ սպառնացող կայան մըն է՝ Ապպասով կոչ ըրած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնադրամին, [...]
May 16th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Պեշիրի շրջանի Ենիփընար գիւղին մէջ աղբանոցի վերածուած՝ 11րդ դարու հայկական եկեղեցիէն 10 թոն աղբ դուրս բերուած է. այս մասին գրած է թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը:
Միջնադարեան այս հայկական եկեղեցին մաքրելու աշխատանքները՝ Պաթմանի համալսարանի ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ, իրականացուցած է Պեշիրի շրջանի ղեկավարութիւնը:
Կը նշուի, որ Ցեղասպանութենէն ետք յարակից գիւղերու բնակիչները, անտէրութեան մատնուած եկեղեցին նախ [...]
May 16th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանի թղթակից Սարգիս Յարութիւնեանին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ստորեւ՝ սոյն հարցազրոյցին բնագիրը.
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ.- Եթէ ժողովրդի կամքը չի դրսեւորուել, եթէ ժողովրդի կամքը չի արձանագրուել, ուրեմն կեղծուել են: Կեղծիքները զանազան են լինում, ուղղակի այս անգամուայ կեղծիքը շատ աւելի պրոֆեսիօնալ ձեւով է ծրագրուել եւ կազմակերպուել: Բայց [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Հաքարի նահանգի Քոնաք գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին դարձած է գանձախոյզներու թիրախ: Անոնք գանձեր գտնելու մարմաջով փորած են եկեղեցւոյ յատակն ու շրջակայքը:
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին՝ հայկական եկեղեցին կառուցուած է 19րդ դարու վերջերուն:
Նահանգային իշխանութիւնները իրենց պահպանութեան տակ առած են պատմական յուշարձանը եւ որոշած են վերականգնել զայն: Հաքարիի նահանգային խորհուրդի անդամ Օզճելիկ Եըլտըզ [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Երկուշաբթի, Մայիս 14ին, Թուրքիոյ Կարմիր Մահիկի նախագահն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այցելած են Թուրքիոյ հայկական համայնքին պատկանող Լեւոն Վարդուհեան նախակրթարան վարժարանը, որ նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով՝ փակուելու վտանգը կը դիմագրաւէ:
Կարմիր Մահիկի ներկայացուցիչները խոստացած են ամբողջութեամբ գոհացնել վարժարանին 85 աշակերտներուն ուտեստեղէնի կարիքները՝ ի հարկին օժանդակութիւններ տրամադրելով նաեւ անոնց ընտանիքներուն: Վարժարանի պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնած են իրենց [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հապեր Վաքթիմ» կայքին վրայ հրատարակուած է Տերսիմցի հայերու միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչի հետ հարցազրոյց մը։ Փրկիչ այն հայերէն է, որ վերջերս իր անունն ու կրօնքը փոխած է ու հիմնած է նշեալ միութիւնը։ Ան հետաքրքրական յայտարարութիւններ ըրած է տերսիմցիներու մասին, եւ ըսած է, թէ Տերսիմի բնակչութեան 75 տոկոսը հայկական ծագում ունի։ Ըստ անոր, հայկական [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Մայիս 15ին հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Իլէյնա Ռաս Լէյթինեն դրուատած է Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուժանիւթի մարզին մէջ յարաբերութեանց սերտացումը՝ միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ շարունակուող զինեալ բախումներուն նկատմամբ:
Ըստ անոր, Արցախի ներկայ իրավիճակը ոչ մէկ կողմի համար նպաստաւոր է, եւ այդ [...]
May 15th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Զաման» թերթը կը հաղորդէ, թէ Իրան ապրող ատրպէյճանցի թուրքերը Թուրքիոյ մէջ հաստատած են «Հարաւային Ատրպէյճանի թուրքերու ազգային խորհուրդ»ը, որուն գլխաւոր նպատակն է Իրանի Հարաւային Ատրպէյճանի նահանգին համար անկախութիւն ապահովել:
Երկուշաբթի, Մայիս 14ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խորհուրդի բանբեր Ճեմալ Մեհմետանօղլու յայտարարած է, թէ կազմակերպութիւնը կը փափաքի «ժողովրդավարական եւ խաղաղ» միջոցներով, այլ ոչ զէնքի [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա), Ռապըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք Մայիս 11-14 այցելած են Երեւան եւ Պաքու, ուր հանդիպած են նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերջին ջանքերը. այս մասին ըսուած է ԵԱՀԿի կայքին [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի 2 օդակայաններէն՝ «Զուարթնոց»էն եւ «Շիրակ»էն, Յունուար-Ապրիլ 2012ի դրութեամբ մեկնած է 249.9 հազար անձ, ժամանած է՝ 199.9 հազար: Այս թիւերը փոխանցած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան կայքէջը:
Ընդհանուր առմամբ՝ մեկնողներուն եւ ժամանածներուն բացասական տարբերութիւնը 2012ի առաջին 4 ամսուան ընթացքին կազմած է 50 հազար, 2011ի 44.8 հազարին փոխարէն:
Նշենք, որ ճամբորդութիւններուն 95 առ [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութենէն կը տեղեկանանք, որ փորձելով արդարացնել Մայիս 10ին ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) հակա-ահաբեկչութեան հարցերով զբաղող կոմիտէներու զեկոյցներուն քննարկման ընթացքին՝ նիստը նախագահող Ատրպէյճանին անընդունելի գործելաոճը՝ ատրպէյճանական կողմը տարածած է հերթական սուտ մը՝ յայտնելով, որ ինք չէ խախտած ԱԽ ընթացակարգին կանոնները:
Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը նշէ, որ Մայիս 10ի առաւօտեան (այլ ոչ թէ նիստի աւարտէն [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող հայկական «Գարակէօզեան» տարրական դպրոցին մէջ տեղի ունեցած է միջադէպ մը, որուն հետեւանքով՝ դպրոցի ուսուցիչներէն մէկը դատախազութեան հայց ներկայացուցած է տնօրինութեան դէմ:
Ըստ թրքական «Հապերթիւրք» լրատու գործակալութեան, դպրոցին մէջ կազմակերպուած միջոցառումի մը ընթացքին, որ նուիրուած էր թրքական ազգային քայլերգին եւ անոր հեղինակին, 5 աշակերտներ ելոյթ ունեցած են եւ արտասանած Թուրքիոյ [...]
May 14th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի Հայ Դատի 2012ի թելեթոնին շաբաթ մը մնացած է, մինչ ամերիկահայ ղեկավարներ եւ բարերարներ արդէն իսկ գործի անցած են՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամին ի նպաստ ներկայացումներ եւ դրամահաւաքի հաւաքոյթներ կազմակերպելով:
Այդ հաւաքներէն երեքը կազմակերպուեցան տէր եւ տիկին Վահէ եւ Այտա Եղիազարեաններու, տէր եւ տիկին Արա եւ Սենտի Պետրոսեաններու եւ տէր եւ տիկին Յովսէփ [...]
May 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ուրբաթ, 4 Մայիս 2012ի երեկոյեան, Պըրպենքի «Արպաթ» ճաշարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պըրպենքի Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը, աւելի քան երեքհարիւր մասնակիցներով: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, զոր լաւապէս կատարեցին ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղի արի-արենոյշները, իսկ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգները մեներգեց Նայիրի Պալեանը:
Երեկոյի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի երիտասարդ անդամուհիներէն Նանէ Շեհրազ, որ [...]
May 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Լիթուանիա պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի նախագահ Էդուարդ Շարմազանով, 11 Մայիսին հեռաձայնային կապ հաստատած է Լիթուանիա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ալկիս Քաշեթայի հետ:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Է. Շարմազանով շնորհակալութիւն յայտնած է Լիթուանիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանին՝ ի դէմս լիթուանացի պատգամաւորներուն, 10 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ իրենց օրակարգին վրայ եղող ծայրայեղ ատրպէյճանամէտ բանաձեւի նախագիծը մերժելնուն համար։
Ազգային [...]
May 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորած է Ֆրանսուա Հոլանտի տարած յաղթանակը Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ Ֆրանսա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը կը բացուի Հոլանտի պաշտօնավարութեան շրջանին:
«Նուվել տ՛Արմէնի» թերթին համաձայն, Հոլանտի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Էրտողան յոյս յայտնած է, որ թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը ձերբազատուին «արհեստական հարցերէ»՝ անուղղակիօրէն ակնարկելով Հայկական [...]
May 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, Մայիս 9ին, Շուէտի խորհրդարանը մերժած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Ատրպէյճանի միջնորդագիրը:
Անցեալ տարի, խորհրդարանի «Կանաչներ» կուսակցութեան միջոցաւ ներկայացուած նախաձեռնութեան մէջ կոչ կ՛ըլլար, որ Շուէտ աշխուժօրէն ներգրաւուի Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին՝ պահանջելով «բռնագրաւեալ ատրպէյճանական տարածքէն անյապաղ դուրս բերել հայկական բոլոր զինուած ուժերը», իսկ միջազգային կազմակերպութիւններէն՝ աշխատիլ «Ատրպէյճանի տարածքին մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 10ին կը տեղեկացնէ, թէ Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ կայացած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումին համակարգող մարմինը, իր վաւերացուցած ընդարձակ փաստաթուղթի 382րդ կէտին մէջ անդրադարձած է Արցախի տագնապին՝ զայն նկատելով ամբողջ շրջանի ապահովութեան սպառնացող տագնապ մը եւ կոչ ընելով հակամարտ կողմերուն, որ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ լուծեն տագնապը:
Անցեալ [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».– Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժման արտաքին գործոց նախարարներու աշխատանքային հանդիպման մասնակցող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 Մայիսին հանդէս եկած է ելոյթով մը։
Նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, իր խօսքին մէջ նախարարը յայտնած է. «Ուրախ եմ վերադառնալ Եգիպտոս, որտեղ ապրել [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անգարա լաւատես է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ յարաբերութեանց ապագայով, թրքական «Զաման» թերթին յայտնած է Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու, որ դրական նկատած է այն իրողութիւնը, թէ Հոլանտ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նման կտրուկ կերպով դէմ չի դներ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու աշխատանքներուն:
«Բայց Անգարա մտահոգ է այն իրողութեամբ, որ Ֆրանսուա [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններ. նոր գործընկերութիւն» վերնագիրով 96 էջնոց ծաւալուն զեկոյց մը հրապարակուած է ամերիկեան Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին կողմէ:
Հայկական հարցին առնչութեամբ, զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, թէ 1915 թուականի ջարդերը իբրեւ Ցեղասպանութիւն ճանչնալու նպատակով ամերիկահայ համայնքի ջանքերուն պատճառով, յաճախ լարուածութիւն կը յառաջանայ Ամերիկա-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ:
Զեկոյցի առաջարկներու բաժինին մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն [...]
May 10th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է զօրահանդէս՝ նուիրուած Շուշիի ազատագրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիմնադրութեան 20ամեակին, ինչպէս նաեւ՝ Հայրենական մեծ պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակի 67ամեակին։
Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ տողանցած են հետեւակներ, զրահապատներ, արագ արձագանգման, հրետանային, հակահրասայլային զօրքերու ստորաբաժանումները, հրետանային կրակ բացող համակարգերը, թնդանօթներ եւ ռազմական տարբեր սարքեր: Ներկաներուն ուշադրութիւնը [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ջանքերուն մէջ, այս տարի շօշափելի արդիւնքներու հասնիլը հաւանական է. այս մասին յայտնած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Փաթրիք Մըրֆի, «Պիզնըս Եիր» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ըստ անոր՝ տագնապի լուծման համար շօշափելի յառաջխաղացք պիտի ապահովուի կողմերու քաղաքական կամքին եւ միջազգային հանրութեան ջանքերուն շնորհիւ:
«Ես, իբրեւ Հարաւային [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 97ամեակին առիթով, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ՀԵԴ «Վարագ» ուխտը, ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղը եւ Պըրպենքի երկրորդական վարժարանի Հայկական ակումբը կազմակերպած էին ոգեկոչման ձեռնարկ մը եւ մոմավառութեամբ հսկում մը, որոնք տեղի ունեցան Պըրպենքի քաղաքապետարանին մէջ եւ անոր առջեւ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին:
Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6ին, քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին ընթացքին, առաջնորդութեամբ [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան Հայկական համագաղութային վարժարանի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Երազ Հիմնադրամ»ը (Dream Fund) 100,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է վարժարանին։
Վարժարանը որոշած է այս գումարը տրամադրել գլխաւորաբար հինգ ծրագիրներ իրագործելու նպատակին՝ բարելաւելով դպրոցին կրթական մակարդակը:
Գումարին մեծ մասը պիտի տրամադրուի վարժարանի վարկաւորումը ապահովելու աշխատանքներուն, որուն համար տնօրէն Զար Տէր Մկրտիչեան արդէն [...]
May 9th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նորընտիր նախարար Ֆրանսուա Հոլանտ «Անատոլիա» մշակութային կեդրոնի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իմաստով նշանաւոր Տեմիր Եոնքերին ուղղուած իր նամակին մէջ հաստատած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման մասին իր կարծիքը 2004էն ի վեր չէ փոխուած: Ան յիշեցուցած է Եոնքերին, որ ինք կողմ քուէարկած է Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնների ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: «Սահմանադրական դատարանը մերժած [...]
May 8th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահի քաղաքական խորհրդական Ալի Հասանով Երեքշաբթի, Մայիս 8ին ազդարարած է, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պիտի պարտադրուին «իրենց ուժը ցուցադրել այլ միջոցներով», եթէ հայկական ուժերը չհեռանան «ատրպէյճանական բռնագրաւեալ տարածքներէն»: Հասանով ցաւ յայտնած է անոր համար, որ հայկական կողմը կը շարունակէ իր «ոչ շինի»չ կեցուածքը ու ոչ մէկ [...]
May 8th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Աւարտուեցին հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք նոր քաղաքական ու բարոյական փորձութիւնն էին մեր պետականութեան եւ ժողովրդի համար:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանրութեանը ներկայացաւ ընտրական յստակ ծրագրով, որի կենսագործման դէպքում՝ բոլորս կ՛ապրէինք որակապէս այլ երկրում: Մենք հրապարակային աշխոյժ քարոզարշաւ անցկացրեցինք, մեր մօտեցումները հասցրեցինք ընտրողներին, արժանացանք համընդհանուր ընկալման: Շնորհակալ ենք բոլոր նրանց, ովքեր քուէարկեցին ՀՅ Դաշնակցութեան օգտին:
Ցաւօք, ընտրութիւնները չարձանագրեցին ժողովրդի կամքը [...]
May 8th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արդէն կարելի է ստանալ նորընտիր՝ հինգերորդ գումարման Ազգային Ժողովի նախնական պատկերը, եւ իմանալ, թէ ո՞ր քաղաքական ուժը՝ քանի՞ աթոռ կը զբաղեցնէ խորհրդարանին մէջ:
Ըստ «Թերթ.էմ» կայքին, վերեւը նշուած ցուցանիշերը վերջնական չեն. անոնք կրնան ենթարկուիլ աննշան փոփոխութիւններու:
Հաշուի առնելով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հրապարակած նախնական տուեալները՝ խորհրդարան անցած են 6 քաղաքական ուժեր՝ 5 կուսակցութիւններ (ՀՀԿ, ԲՀԿ, ՀՅԴ, [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան մնացորդներուն ծանօթանալու համար, Թուրքիոյ մէջ շրջագայող ֆրանսաբնակ հայերուն խումբը հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ ֆրանսահայերը հարցումներ ուղղած են Թուրքիոյ տարածքին սփռուած հայկական պատմական եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան եւ եկեղեցիներու վերանորոգման, հայկական եկեղեցիներու [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Երկուշաբթի առաւօտեան հովուապետական այցով Թեհրան ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
«Էմամ Խոմէյնի» օդակայանի հիւրերու յատուկ օթեակին մէջ, հայրապետը դիմաւորեցին Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Բաբգէն եպս. Չարեան եւ Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ Գէորգ [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտարարէ, որ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Երազ Հիմնադրամ»ը (Dream Fund), 200,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է վարժարանին։
«Այս առթիւ, Հայ Քոյրերու մեծ ընտանիքը՝ անձնուրաց քոյրերը, խնամակալ մարմինը, տնօրէնութիւնն ու պաշտօնէութիւնը, իրենց խորին շնորհակալութիւնը կ՛արձանագրեն այս իշխանական նուիրատուութեան համար՝ գնահատելով «Երազ Հիմնադրամ»ին վարժարանիս հանդէպ ցուցաբերած հոգատար վերաբերմունքը եւ հայ դպրոցին [...]
May 7th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Մեթիու Պրայզա, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի նախկին համանախագահի պաշտօն վարելէ ետք՝ մէկ տարուան համար Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած էր, «Ճէյմըսթաուն» հիմնարկին մէջ Հինգշաբթի, Մայիս 3ին կայացած քննարկումի մը ընթացքին քննադատեց Արցախի հարցով Ուաշինկթընի որդեգրած քաղաքականութիւնը։
Պրայզա ըսաւ, որ Ուաշինկթըն վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին իր «ճամբան կորսնցուցած է» ղարաբաղեան հակամարտութեան [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արցախի մասին իրազեկութիւնը Միացեալ Նահանգներում բարձրացնելու առաքելութեամբ ստեղծուած «Արցախի զարգացման խումբը», Ապրիլի 29ին, «Ամերիա» ընկերութիւնների խմբի աջակցութեամբ, ամերիկահայ գործարարներին ներկայացրեցին Արցախում, ինչպէս նաեւ Հայաստանում առկայ ներդրումային հնարաւորութիւնները: «Արցախի զարգացման խումբ»ի հիմնադիր-տնօրէն Սեւակ Խաչատրեանի խօսքով, համաժողովի նպատակն էր ներկայացնել հայրենիքի տնտեսական դաշտի ներկայ վիճակը, հնարաւոր ծրագրերը, որոնք առաւել արդիւնաւէտ կարելի է իրականացնել մասնագիտական խորհրդատուութեան օգնութեամբ, [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Ապրիլ 29ին, Պոլսահայ միութեան շէնքին մէջ, «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի Նարեկացիի անուան Հայագիտական եւ մշակութային ուսմանց ամպիոնի բարեկամները, իրենց տասներորդ տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին, «Գրիգոր Նարեկացի» շքանշանով պատուեցին գրող, բանաստեղծ, գրաքննադատ՝ փարիզաբնակ Գրիգոր Պըլտեանը՝ գնահատելով անոր հսկայ ներդրումը մեր գրական-գրականագիտական անդաստանէն ներս:
Բարի գալուստի խօսքով Նարեկացիի անուան ամպիոնի բարեկամներու ճաշկերոյթի մասնակիցներուն դիմեց միութեան վարչական անդամներէն Անի Այվազեան, [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Առանց սահմաններու լրագրողներ» միջազգային կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Մամուլի գիշատիչ»ներու իր տարեկան ցուցակը, որուն մէջ այս տարի եւս տեղ գրաւած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Այս տարի ցուցակին մէջ կան 41 անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին է նաեւ Ատրպէյճանի հակակշիռին տակ գտնուող Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վասիֆ Թալիպովը:
May 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փարիզի Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր համագումար մը, որ նուիրուած էր «Հայաստան-Թուրքիա՝ 1915-2015, ընկերութիւնը եւ հայկական Սփիւռքը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումի խնդիրով» նիւթին։
Համագումարին մասնակցած են պատմաբան Արա Սարաֆեան, թուրք լրագրող եւ հանրային գործիչ Այշէ Կիւնայսու, որ նաեւ նախագահն է Պոլսոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան։
Սանուց միութեան անդամներէն Յովհաննէս Չոնքար տեղեկութիւններ փոխանցած է այս [...]
May 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վերահաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացնելու իր յանձնառութիւնը: «Նուվել տ՛Արմէնի»ն կը գրէ, թէ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Ալեքսիս Կովչիյեանի եւ Արա Թորանեանի ուղղուած նամակին մէջ, նախագահը գրած է.
«Ապրիլ 24ին բոլորս յիշատակեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը: Ես ուրախ էի, որ այդ օրը կը գտնուէի [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
3 Մայիսին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 2012 թուականի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու Կեդրոնական նախընտրական ղեկավարման մարմինի հանդիպումը՝ ՀՅԴ նախընտրական ղեկավարման մարմինի անդամներուն, ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատու անձերու հետ։
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ այս ընտրապայքարով Դաշնակցութիւնը կը նպատակադրէ երկիրը դուրս հանել [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ճամբով, Սիրուն Կիւրեղեանի Ֆիլատելֆիոյ մէջ ունեցած սեփական խանութին հիման վրայ՝ Ստեփանակերտի մէջ բացուեցաւ ակնոցի բարեգործական խանութը:
Երկրաշարժէն հիմնովին քանդուած Գիւմրիի Աւետիք Իսահակեան վարժարանը պիտի նորոգուէր Սոցիալական ներդրումներու հիմնադրամին կողմէ, եթէ տեղւոյն համայնքը կարենար գոյացնել վերակառուցման ծախսերու տասը տոկոսը: Սիրուն Կիւրեղեան, հարուստ մէկը չըլլալով հանդերձ, նուիրեց այդ գումարը եւ նշեալ շէնքը բարձրացաւ:
Շուշիի գրադարանին [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՀայՆիուզ».- Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու հարցով աշխուժօրէն զբաղող հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, հերթական մրցանակի արժանացած է՝ խլելով «PEN» կազմակերպութեան կողմէ սահմանուող Ճերի Լէյպերի անուան հրատարակչութեան ազատութեան միջազգային մրցանակը:
«Այս մրցանակը ոչ միայն իմն է, այլ նաեւ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ պահուող միւս լրագրողներունը, գրողներուն ու հրատարակիչներունը», մրցանակը ստանալէ ետք յայտարարած է թուրք իրաւապաշտպանը:
Նշենք, որ [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով՝ պաշտպան կանգնած է Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադիր Կարօ Փայլանին՝ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանի յայտագիրի մը ընթացքին անոր դէմ կատարուած սպառնալիքներուն կապակցութեամբ, միաժամանակ, Հինգշաբթի, Մայիս 3ին դատ բանալով այդ սպառնալիքը կատարած Թուրքիոյ պատմութեան խորհուրդի հայկական [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 2 Մայիսին Ազատութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եզրափակիչ հանրահաւաքը, որուն ընթացքին խօսք առնողները անդրադարձան ՀՅԴի ներկայացուցած ծրագիրին կարեւորութեան՝ Հայաստանի կացութեան բարելաւման իմաստով։
«Երեւանն ու երեւանցիները պէտք է փրկեն ամբողջ Հայաստանը», յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:
«Մեր գիւղի ժողովուրդը, մեր մարզերի ժողովուրդը, իրենց լայն, պապական տները, մաքուր օդը, զուլալ ջրերը, անտառները, իրենց [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանցի լրագրող եւ վերլուծաբան Ասեֆ Կուլիեւ լրագրողական հետաքննութիւն կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հետ շփման գիծին վրայ եւ բացայայտած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կը թաքցուին բանակին մէջ կատարուող շարք մը սպանութիւններ եւ այլ փաստեր:
«Gafgazinfo.az» կայքը հրապարակած է Կուլիեւի վերլուծութիւնը, ուր ան կը նշէ, թէ պաշտօնական հարցումներ կատարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան եւ [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան «Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած նորագոյն տեղեկագիրին համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ մամլոյ ազատութեան դէմ սահմանափակումները կը շարունակեն աճիլ՝ լուրջ մտահոգութիւն յառաջացնելով միջազգային իրապաշտպան կազմակերպութեան մօտ:
Կազմակերպութիւնը այս տարի Ատրպէյճանը «ոչ ազատ» մամուլ ունեցող երկիրներու շարքին դասած է:
Կազմակերպութեան համացանցային կայքին վրայ հրապարակուած «Մամուլի ազատութիւնը 2012ին» զեկոյցին մէջ, Ատրպէյճանը 197 երկիրներու մէջ կը [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթի լրագրող Ալի Թօփուզ կը գրէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պատճառներն ամբողջութեամբ հասկնալու համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրութիւնը սկսիլ Ապտուլ Համիտի ժամանակաշրջանէն ու հասնիլ մինչեւ մեր օրերուն տեղի ունեցած՝ Թուրքիոյ մէջ հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի եւ հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճիի սպանութիւնները:
Թօփուզ կը գրէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանին եւ [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ պատմական ընկերութեան հայկական բաժինի նախագահ Քեմալ Չիչեք, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն է ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին յայտարարած է, որ Թուրքիա որեւէ պաշտօնական թէզ չունի Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութեան՝ Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ, կրօնական հարցերով Թուրք-իսլամական միութեան կեդրոնին կազմակերպած հանդիպման ընթացքին Չիչեք ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան կողմէ 1 Մայիսին հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, որոշում տրուած է քակել Մաշտոցի պուրակին մէջ գտնուող կրպակները։ Մինչ այդ՝ հաղորդագրութեան հրապարակումէն առաջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Մաշտոցի պուրակ՝ ընկերակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն։ Ան շրջած է պուրակին մէջ, դիտած նոր տեղադրուած տաղաւարները: Այնուհետեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ.ազ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ռապըրթ Պրետթքի (ԱՄՆ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա) Շաբաթ, Ապրիլ 28ին հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը՝ դատապարտելով Արցախի հակամարտութեան շփման գիծին վրայ արձանագրուղ զինադադարի խախտումները, որոնք կը շարունակեն զոհեր խլել:
Կազմակերպութեան համացանցային կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
«ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները խորապէս անհանգստացած են հայ-ատրպէյճանական սահմաններու երկայնքին [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Հանրապետութեան իշխանութիւնների եւ անձամբ իմ անունից ի սրտէ շնորհաւորում եմ ձեզ Մայիսի 1ի՝ Աշխատաւորների համերաշխութեան միջազգային օրուայ առթիւ, օր, որն աւանդաբար նշում ենք արդէն երկար տարիներ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հայրենիքը շէնացնողին ու նրա անխոնջ աշխատանքին:
Մեր քաղաքացիների կենսապայմանների բարելաւման ու նրանց կեանքի որակի բարձրացման հարցերը առաջնահերթ են իշխանութիւնների համար: Պետութիւնն անհրաժեշտ միջոցներ է ձեռնարկում տնտեսութեան շարունակական [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը մէկ ամիսով ստանձնեց Ատրպէյճանը, որուն արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս պատմական իրադարձութիւնը ողջունող յայտարարութիւն մը հրապարակեց:
Ատրպէյճանական «Armenia.Az» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ՄԱԿի տեղեկատուական կեդրոնը՝ կը տեղեկացնէ, թէ Մայիս ամսուան ընթացքին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ քննուելիք հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները եւ հիւլէական զէնքերու տարածումը զսպելու ջանքերը:
Կ՛ակնկալուի նաեւ, [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Armenia.Az» լրատու կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 1ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա յայտարարած է, թէ ՄԱԿը «ատրպէյճանական գրաւեալ հողերը ազատագրելու» կապակցութեամբ պէտք է նոր բանաձեւ մը վաւերացնէ:
Նոյն օրը, խորհրդարանը Շուշիի «բռնագրաւման» կապակցութեամբ որոշում մը վաւերացուցած է եւ զայն ուղարկած է շարք մը երկիրներու խորհրդարաններ, [...]
May 1st, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային վարչութիւնն ու Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմինը կը յայտարարեն, թէ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Երազ Հիմնադրամ»ը (Dream Fund) 900,000 տոլարի իշխանական յատկացում մը կատարած է թեմի ազգային վարժարաններուն՝ Մեսրոպեան երկրդ. վարժարան, Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրդ. վարժարան, Մարի Գապայեան նախակրթարան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրդ. վարժարան, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարան, [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վերընտրութեան պայքարին նեցուկ կանգնելու նպատակով, Ամերիկայի թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու որոշ կազմակերպութեանց կողմէ Ուրբաթ, Ապրիլ 27ին կայացած հաւաքի մը ընթացքին, առնուազն կէս միլիոն տոլար հանգանակուած է:
Հաւաքին ներկայ եղած փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, իր ելոյթին ընթացքին խօսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի կարեւոր դերակատարութեանց մասին: Ան Թուրքիան [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկա կոչ կ՛ընէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն՝ յարգելու հրադադարի համաձայնութեան պայմանները. այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էտըմ Սթերլինկ, ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութան հետ Երկուշաբթի, Ապրիլ 30ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները իրենց Ապրիլ 27ի յայտարարութեան մէջ կը նշեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք գոյութիւն [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայ գրականութեան հաւատաւոր զինուորներէն մէկը եւս հրաժեշտ առաւ կեանքէն. արդարեւ, կորսնցուցինք թանկագին բարեկամ մը եւս, գիրքի ու մշակոյթի երկրպագու մը՝ Արիս Սեւակ, Նիւ Եորքի մէջ։ Արիս Սեւակ անգլերէնէ հայերէն, բայց մանաւանդ հայերէնէ անգլերէն հրաշալի թարգմանիչ էր. անոր ճարտար գրիչին տակ հայերէն արտայայտութիւնները հարազատութեամբ կը փոխադրուէին անգլերէնի։ Հայ մշակոյթը ու Հայ գիրքը անոր կեանքին [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Քրիսթոֆըր Հոլտընին՝ մօտէն զննելէ ետք 41րդ ընտրատարածքի աթոռի ընտրապայքարին մասնակցող թեկնածուներու գործունէութիւնը եւ շարք մը հանդիպումներ ունենալէ ետք անոնց հետ:
Հոլտըն, իր կարգին ողջունեց այս որոշումը եւ շեշտեց, թէ ան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ իր [...]
April 30th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ապրիլ 24ին Միացեալ մարմինի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարեդարձին նուիրուած յուշահանդէսը, Հայկական Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին մօտ:
Ներկայ էին քաղաքական դէմքեր, համայնքի ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 3000 հայորդիներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թոմիկ Ալեքսանեան, որ յանուն Միացեալ մարմինին՝ ողջունեց ներկաները՝ նշելով, որ 21 երկիրներ եւ ԱՄՆի 43 նահանգներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, եւ որ Հայկական [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Այգեպար գիւղի դիրքերուն վրայ 26 Ապրիլի երեկոյեան հակառակորդին կողմէ կրակոցներ արձակուած են։ Այգեպար համայնքի ղեկավար Անդրանիկ Այդինեան յայտնեց, որ կրակոցներուն իբրեւ հետեւանք 3 հայ զինուոր սպաննուած է։ «Հիմա գիւղում իրավիճակը կայուն է, կրակոցներն էլ դադարել են», վստահեցուցած է ան:
Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, կրակոցներ լսուած են նաեւ Մովսէս գիւղի կողմերէն:
25 Ապրիլին ատրպէյճանական [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 40րդ ընթացիկ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Շաբաթ, Ապրիլ 20-21ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան։ Ժողովը քննեց սրբազանին, Կրօնական ժողովին ու Ազգ. վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը, կատարեց իր գնահատականը ու մշակեց յառաջիկայ տարուան [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 27ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ հանդիպում ունեցաւ անոր հետ, նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան, ներկայ կառավարութեան մէջ երկու հայ նախարարներ՝ պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, ինչպէս նաեւ հայկական [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Պաթմանի նահանգի Պեշիրի շրջանի Ենիփընար գիւղին մէջ գտնուող 11րդ դարու հայկական եկեղեցին վերածուած է աղբանոցի. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատու կայքը:
«Հասանքէյֆ» կոչուած պեղումներու պատասխանատու, Պաթմանի համալսարանի վարիչ Ապտուլսալիմ Ուլուճամ նշած է, թէ Ենիփընարի մէջ սոյն եկեղեցին եւ վանատուները պատմական կարեւոր ժառանգութիւն են:
Գիւղացի մը պատմած է, թէ տեղւոյն բնակիչները եկեղեցիին եւ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 20 անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած է Ծերակոյտի «Քենետի» սրահին մէջ:
Ելոյթ ունեցողները խստօրէն քննադատած են Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը՝ շեշտելով Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՌԵՏՈՒՈՒՏ ՍԻԹԻ, Քալիֆորնիա.- Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբը իր Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25 թուակիր հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքի ու նոյնանուն գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդները Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը ոգեկոչող հռչակագիրներ հրապարակած են այս տարի, իսկ առաջին անգամ ըլլալով անոնց միացած է նաեւ Սան Մաթէօ գաւառը, որուն վերահսկիչներու խորհուրդը միաձայնութեամբ [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայքը կը հաղորդէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով, ամերիկահայերը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի միջազգային տպագրութեան թիւին մէջ հրատարակած են ծանուցում մը, որուն մէջ կոչ կայ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին։
Ծանուցումին մէջ ըսուած է. «Օր մը թուրք ղեկավար մը այնքա՛ն լաւ առաջնորդ մը պիտի ըլլայ, որ պիտի հասկնայ, թէ թուրք ժողովուրդը աւելի վարկ [...]
April 26th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »