Home » ԼուրերYou are browsing entries filed in “Լուրեր”

Էօզալ Փորձած Է «Լուծել» Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը

Էօզալ Փորձած Է «Լուծել» Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը

ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկլութ Էօզալի մահէն 19 տարի ետք, անոր մօտիկ զօրակիցները եւ բարեկամները անցնող շաբաթավերջին յայտնած են, թէ նախագահը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին փորձած է «լուծել» Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը՝ պնդելով, թէ ան պատրաստ է հայերուն ի նպաստ որոշ «զիջումներ» կատարելու:
Ըստ կրթական հարցերու նախկին նախարար Վեհպի Տինչելերի՝ Էօզալ փորձած է հայերու պահանջներուն ծանօթանալ ամերիկացիներու [...]

April 23rd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ախալցխայի Հայկական Դպրոցներուն Կ՛արգիլուին 97ամեակի Ձեռնարկները

Ախալցխայի Հայկական Դպրոցներուն Կ՛արգիլուին 97ամեակի Ձեռնարկները

ԱԽԱԼՑԽԱ.- 23 Ապրիլին, Ախալցխայի «Ռեսուրս» կեդրոն հրաւիրուած էին Ախալցխայի հայկական բոլոր գիւղերու ու քաղաքի դպրոցներուն տնօրէնները: Տնօրէնները խստիւ զգուշացուեցան, որ դասերուն հաշուոյն Ապրիլ 24ի նուիրուած ձեռնարկներ տեղի չունենան:
Քանի մը օր առաջ Ախալցխայի Յովհաննէս Թումանեանի անուան հանրային դպրոցէն քանի մը ուսուցչուհիներ՝ տնօրէնութեան համաձայնութեամբ, խնդրած էին Ախալցխայի քաղաքապետարանէն, որ մասնակցին քաղաքին մէջ կազմակերպուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած սգոյ [...]

April 23rd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտն Ու Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Հռչակագիր Վաւերացուցին

Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտն Ու Խորհրդարանը Ցեղասպանութեան Հռչակագիր Վաւերացուցին

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ Հայ Դատի գործիչներ եւ համակիրներ հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարք մը իրականացուցած են Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը ոգեկոչելով:
Աւելի քան 200 գործիչներ մասնակցած են այս տարուան ձեռնարկներուն:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանը եւ Ծերակոյտը այս տարի եւս Հայկական Ցեղասպանութիւնը [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ըստ Հրանդ Մարգարեանի՝ Իշխանութիւնը Կը Խոչընդոտէ Ազատ Ընտրութիւններու Կայացումը

Ըստ Հրանդ Մարգարեանի՝ Իշխանութիւնը Կը Խոչընդոտէ Ազատ Ընտրութիւններու Կայացումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ իշխող ուժը կը խոչընդոտէ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացումը։ Ան այս երեւոյթը վերագրեց խորհրդային օրերէն մնացած մտայնութեան եւ մօտեցումներուն, որովհետեւ անկախութեան բոլոր տարիներուն ալ կայացած ընտրութիւններուն ընթացքին խախտումներ եւ հարցեր արձանագրուած են։ Մարգարեանի [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ծերակոյտի Մէջ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում՝ Ապրիլ 25ին

Ծերակոյտի Մէջ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում՝ Ապրիլ 25ին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումը կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայ կազմակերպութիւնները, գործակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերու համախմբումին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատան եւ Արցախի ներկայացուցչութեան օժանդակութեամբ, Ծերակոյտի շէնքի պատմական «Քենետի» սրահին մէջ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 25ին, երեկոյեան ժամը 6-8:30, պիտի հիւրընկալէ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման քոնկրեսական տարեկան ձեռնարկը:
Հանդիսավարը պիտի ըլլայ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեանը, [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայեր Կը Բողոքեն «Հիւրրիյէթ»ի Դէմ

Հայեր Կը Բողոքեն «Հիւրրիյէթ»ի Դէմ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա բնակող խումբ մը հայ մտաւորականներ իրենց բողոքը արտայայտած են թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին դէմ՝ ազգայնապաշտութիւն եւ խտրականութիւն սերմանող յօդուածներ հրատարակելուն համար:
Ըստ «Հայ Թերթ»ին, հայ մտաւորականներ Նատիա Օյկիւն եւ Սարգիս Ատամ իրենց յայտարարութեան մէջ նշած են, որ թերթը ամէն առիթ կը շահագործէ խտրականութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու համար, եւ աւելցուցած են, թէ թերթին մէջ լոյս [...]

April 20th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Լոս Անջելեսի Կառավարիչները Յարգում Են Ապրիլի 24ը

Լոս Անջելեսի Կառավարիչները Յարգում Են Ապրիլի 24ը

ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՋԵԼԵՍ.- Լոս Անջելեսի հանրային ծառայութիւնների ոլորտի աշխատակիցների Հայկական կոմիտէի խնդրանքով փոխուել է «Տանենք մեր երեխաներին աշխատավայր» ձեռնարկի օրը:
Լոս Անջելեսի վարչաշրջանի կառավարիչների խորհուրդը Ապրիլի 17ի նիստում միաձայն որոշել է փոխել ամէնամեայ այդ ձեռնարկի օրը, որ նախատեսուած էր Ապրիլի 24ին: «Ապրիլի 24ը յատուկ նշանակութիւն ունի հայերի համար, այդ օրը հայերը յիշատակում են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերին: [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ս. Խաչ Դպրեվանքը, Գնալըի Եկեղեցւոյ Դպրոցն Ու Գերեզմանատունը Հայ Համայնքին Կը Վերադարձուին

Ս. Խաչ Դպրեվանքը, Գնալըի Եկեղեցւոյ Դպրոցն Ու Գերեզմանատունը Հայ Համայնքին Կը Վերադարձուին

ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» իր Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ի թիւով կը գրէ, թէ Ս. Խաչ դպրեվանքը, որուն համայնքային մարմին ըլլալու կարգավիճակը 1980ականներուն ջնջուած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ, եւ զայն իր նախկին կարգավիճակին վերադարձնելու պահանջքով դատ բացուած էր պատկան իշխանութիւններուն դէմ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին գտած է իր երջանիկ լուծումը։ Արդարեւ, Վագըֆներու (հիմնարկութիւններու) խորհուրդը իր նիստի ընթացքին որոշեց Ս. Խաչ [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Համազգայինը Կը Հովանաւորէ Հայերէնագիտական Նիւթերու Ուսուցիչներու Պատրաստութեան Ծրագիր

Համազգայինը Կը Հովանաւորէ Հայերէնագիտական Նիւթերու Ուսուցիչներու Պատրաստութեան Ծրագիր

Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր  հայեցիամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ, եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:
Վերջին տարիներուն, հայերէն լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի դասաւանդութեան բնագաւառներուն մէջ, [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ապրիլ 24ի Հաւաքը Պոլսոյ Մէջ

Ապրիլ 24ի Հաւաքը Պոլսոյ Մէջ

ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկութիւններ փոխանցեց Ապրիլ 24ին, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման համար իր կազմակերպած ձեռնարկներուն մասին:
Յանձնաժողովը հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, թէ Պոլսոյ Էմինէօնիւ թաղամասին մէջ գտնուող Թուրք-իսլամ յուշարձաններու թանգարանին առջեւ պիտի ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան զոհերը. վայր մը, որ 1915ին գործածուած է [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ապրիլ 24ը Որուկուէյի Վարժարաններու Օրացոյցին Մէջ

Ապրիլ 24ը Որուկուէյի Վարժարաններու Օրացոյցին Մէջ

Մոնթեվիտէոյի «Կոմիտաս ռատիօժամ»էն Կարօ Հէքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ ընթացք տալով Ուրուկուէյի մէջ գործող Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութեան առաջարկին՝ երկրի Հանրային վարժարաններու կրթութեան ազգային խորհուրդը որոշած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրը՝ Ապրիլ 24ը, ներառել հանրային վարժարաններու տեղական եւ միջազգային նշանակութիւն ունեցող թուականներու օրացոյցին մէջ:
Հանրային վարժարաններու կրթութեան ազգային խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ այլ կարեւոր թուականներու կողքին, [...]

April 19th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում՝ Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու Խորհուրդին Կողմէ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում՝ Լոս Անճելըսի Վերահսկիչներու Խորհուրդին Կողմէ

Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը, ի շարս պաշտօնական այլ նշումներու, ամէն տարի Ապրիլին, իր շաբաթական նիստերէն մէկը կը յատկացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման։
Այս տարի, նախաձեռնութեամբ իր անդամներէն Մայքըլ Անթոնովիչի, յիշատակի այս պահը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 17ի առաւօտուն։ Ընդառաջելով Անթոնովիչի հրաւէրին՝ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ խորհուրդի նիստին, որ որդեգրեց յատուկ բանաձեւ մը՝ Ապրիլ [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Կը Խօսի Հայերու Տարագրումին Պատճառած Վնասներուն Մասին

Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Կը Խօսի Հայերու Տարագրումին Պատճառած Վնասներուն Մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) քաղաքապետ եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Օսման Պայտեմիր Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին հանդիպում մը ունեցած է Համաշխարհային ասորական խորհուրդի նախագահ Ճոնի Մեսոյի եւ անոր պատուիրակութեան հետ. ընթացքին ան արտայայտուած է նախապէս քաղաքին մէջ ապրող հայերուն եւ անոնց ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին: Ան ընդունած է, թէ հայերը պարտադրաբար հեռացած են՝ «մեծ [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ռազմական Ծախսերու Աճի Տուեալներով՝ Ատրպէյճան Աշխարհի Մէջ Առաջին Դիրքը Կը Գրաւէ

Ռազմական Ծախսերու Աճի Տուեալներով՝ Ատրպէյճան Աշխարհի Մէջ Առաջին Դիրքը Կը Գրաւէ

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռազմական ծախսերու աճի տուեալներուն համեմատ՝ Ատրպէյճան 2011ին առաջին դիրքը գրաւած է աշխարհի մէջ. այս մասին հաղորդած են Սթոքհոլմի աշխարհի խաղաղութեան հարցերու հետազօտման միջազգային հիմնարկի (SIPRI) փորձագէտները:
Հրատարակուած զեկոյցին մէջ, հեղինակաւոր այս հետազօտական կեդրոնի ռազմական հարցերով զբաղող փորձագէտները ամփոփած են տարբեր պետութիւններու կողմէ ռազմական կարիքներու համար ծախսուած միջոցներու ընդհանուր ծաւալը:
Հիմնարկի տուեալներուն համաձայն՝ պետական ամավարկերու կրճատումներուն [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրք Գործարար. Հայկական Սփիւռքը Թրքականէն Աւելի Հզօր Է Ամերիկայի Մէջ

Թուրք Գործարար. Հայկական Սփիւռքը Թրքականէն Աւելի Հզօր Է Ամերիկայի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Սարան Հոլտինկզ» ընկերութեան ղեկավար Սատետտին Սարան, Թուրքիոյ Էսքիշեհիր քաղաքի «Անատոլու» համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական Սփիւռքը թրքականէն աւելի հզօր է:
Սարան նշած է, թէ Ամերիկայի հայկական Սփիւռքը այդքա՛ն ազդեցիկ եւ հզօր է, շնորհիւ Քալիֆորնիա հաստատուած մէկ միլիոնանոց հայկական ընտրական խաւին:
Թուրք գործարարը աւելցուցած է, թէ որոշած է [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ատրպէյճանի Սուտերը Բացայայտած Լրագրողը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Մրցանակակիր

Ատրպէյճանի Սուտերը Բացայայտած Լրագրողը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի Մրցանակակիր

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».-  ԵՈՒՆԵՍՔՕի Կիյէրմօ Քանոյի անուան լրագրութեան համաշխարհային մրցանակի 2012ի դափնեկիրը դարձած է ատրպէյճանցի լրագրող եւ իրաւապաշտպան Էյնուլա Ֆաթուլաեւը՝ լրագրութեան ազատութիւնը ապահովելու նպատակով անոր տարած աշխատանքին համար:
Մրցանակին կ՛ընկերանայ նաեւ 25,000 տոլարի նիւթական պարգեւ մը: Մրցանակը պիտի յանձնուի Մայիս 3ին, որ Տպագիր մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրն է:
Յիշեցնենք, թէ Ֆաթուլաեւ բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Խոճալուի միջադէպին գծով Ատրպէյճանի [...]

April 18th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմ Մը՝ Հայ-Թրքական Գործակցութեամբ

Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմ Մը՝ Հայ-Թրքական Գործակցութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ մէջ Ապրիլ 12-14ին կայացած «Հայաստան-Թուրքիա շարժապատկերի հարթակ» ծրագիրը հրապարակած է այն շարժապատկերային նախագիծը, որուն պիտի աջակցի այս տարի: Ընտրեալ ֆիլմը Տեւրիմ Աքայայի «Կեաւուրի թոռը. հայ պապս» ֆիլմն է. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Աքայայի ֆիլմը կը պատմէ ընտանիքի մը պատմութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութենէն մինչ մեր օրերը երկարող ժամանակաշրջնին: Բեմադրիչը նշած է, թէ ֆիլմը [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետութիւնը Պիտի Մեծարէ «Ասպարէզ»ի Խմբագիրը

Լոս Անճելըսի Քաղաքապետութիւնը Պիտի Մեծարէ «Ասպարէզ»ի Խմբագիրը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին, ձեռամբ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի, պիտի մեծարէ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկութիւնը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօուա» հիմնարկութիւնը, որոնք միասնաբար նախաձեռնած են Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու աշխատանքին:
Նոյն ձեռնարկի ընթացքին պիտի մեծարուին նաեւ հայ համայնքէն հետեւեալ գործիչները՝ Էլեն Ասատրեան, Նաթալի Քալպաքեան, «Ասպարէզ»ի [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան Կը Վերընտրուի Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայր

Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան Կը Վերընտրուի Մխիթարեան Միաբանութեան Աբբահայր

Մխիթարեան միաբանութիւնը, 11-15 Ապրիլին, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ հաւաքուած Ընդհանուր ընտրական ժողովին, Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանը վերընտրեց որպէս Ընդահանրական Աբբահայր:

April 17th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ալիեւ Վստահ Է Ատրպէյճանի Յաղթանակէն

Ալիեւ Վստահ Է Ատրպէյճանի Յաղթանակէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երկուշաբթի, Ապրիլի 16ի երեկոյեան կայացած կառավարութեան ընդլայնուած նիստին ընթացքին յայտարարած է, թէ վերջին քանի մը տարիներուն Ատրպէյճան կրցած է զգալիօրէն բարելաւել իր տնտեսական վիճակը, ու իր իշխանութեան օրերուն իրականացուած գլխաւոր ձեռքբերումը նկատած է համացանցի ազատ օգտագործումը երկրին մէջ՝ մոռնալով, որ շարք մը այլախոհներ այս «ազատութեան» հետեւանքով բանտարկուած կը մնան:
Ալիեւ [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Զուիցերիահայերը Պաղըշի Դէմ Նոր Դատ Պիտի Բանան

Զուիցերիահայերը Պաղըշի Դէմ Նոր Դատ Պիտի Բանան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիոյ հայ համայնքը կը շարունակէ պահանջել քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշը: Այս առթիւ, «Նուվել տ՛Արմէնի»ն կը տեղեկացնէ, թէ Հայ-զուիցերիական խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի քարտուղար Սարգիս Շահինեան յայտարարած է, թէ Պաղըշի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան ուրացման կապակցութեամբ՝ որոշուած է դիմել Ցիւրիխի վճռաբեկ ատեանին՝ անբաւարար նկատելով արտաքին գործոց նախարարութեան այն բացատրութիւնը, թէ [...]

April 17th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Գերմանացի Դիւանագէտին՝ Մինսկի Խմբակը Համանախագահողները Փոխելու Անհրաժեշտութիւն Չկայ

Ըստ Գերմանացի Դիւանագէտին՝ Մինսկի Խմբակը Համանախագահողները Փոխելու Անհրաժեշտութիւն Չկայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը համանախագահող երկիրներու փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն տակաւին գոյութիւն չունի. այս մասին Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ին ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գերատեսչութեան պետական նախարար Քորնելիա Փայփըր՝ նշելով, որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ հակամարտութիւններու լուծումը ճամբայ պիտի բանայ խաղաղ ապագայի մը առջեւ:
Ըստ անոր՝ Գերմանիա միշտ կարեւոր համարած է այն հանգամանքը, որ Արցախի հարցով [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ՝ Իսլանտայի Երեսփոխաններէն

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ՝ Իսլանտայի Երեսփոխաններէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսլանտայի խորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներ առաջարկած են  կառավարութեան, որ պաշտօնապէս ճանաչնայ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ 20րդ դարու սկիզբը իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
Ըստ «Նուվել տ՛Արմէնի»ի՝ այս առաջարկութեան հեղինակն է «Շարժում» կուսակցութենէն Մարկրիթ Թրիկուաթոթին: Կոչին միացած են նաեւ անոր կուսակիցներէն երկուքը եւ «Համերաշխութիւն» եւ «Լուսաւոր ապագայ» կուսակցութիւններէն երեսփոխաններ:

April 16th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Կիւլի Դէմ Հայերու, Ասորիներու, Քիւրտերու Եւ Թուրքերու Ցոյցեր՝ Հոլանտայի Մէջ

Կիւլի Դէմ Հայերու, Ասորիներու, Քիւրտերու Եւ Թուրքերու Ցոյցեր՝ Հոլանտայի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի քրտական, հայկական, ասորական եւ թրքական կազմակերպութիւններ բողոքի մեծ ցոյց մը կազմակերպած են Հոլանտայի մէջ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի Հոլանտա այցելութեան առիթով: Կիւլ Հոլանտա կ՛այցելէ նշելու համար Թուրքիա-Հոլանտա յարաբերութիւններու 400ամեակը եւ այդ պատճառով, ցուցարարները Կիւլի դէմ իրենց արշաւը կոչած են՝ «400 տարիներու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, ցեղասպանութիւն, կոտորած»:
«Հակահայ քաղաքականութիւնը 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք չէ դադրած, [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պաղըշի Հերթական «Գիւտ»ը

Պաղըշի Հերթական «Գիւտ»ը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտարարած է, թէ Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութեան «պնդումներ»ուն դէմ ունի «Մալթա փաստաթուղ»չը:
Ըստ «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ Պաղըշ պնդած է, թէ Ցեղասպանութեան հարցով 1919ին Մալթայի մէջ տեղի ունեցած դատավարութենէն ետք «դատարանն արդարացուցած է բոլոր պատասխանատուները, եւ այդ պատճառով ալ ոչ ոք թուրք ժողովուրդը կրնայ մեղադրել ցեղասպանութեամբ»:
Պաղըշ, բացայայտ իր այս սուտով, կ՛անտեսէ [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Թուրքիա Իր Ուրացման Քաղաքականութեան Համար Կը Դիմէ Սփիւռքին

Թուրքիա Իր Ուրացման Քաղաքականութեան Համար Կը Դիմէ Սփիւռքին

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիա համախմբուելու կոչով դիմած է աշխարհի տարածքին ապրող միլիոնաւոր թուրքերուն, որպէսզի հակադարձեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն պաշտօնատար մը ըսած է. «Թուրքիոյ կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի սփիւռքի վերաբերեալ ռազմավարական փաստաթուղթի մը մշակման ուղղութեամբ: Փաստաթուղթին մէջ պիտի նշուին մեր առաջնահերթութիւնները, նպատակներն ու աշխատանքի ձեւերը», ըսած է պաշտօնատարը:
Թերթին վկայութեամբ, 2010ին հիմնադրուած [...]

April 16th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Գերմանիոյ Կոչ Ընող Արշաւը 150,000 Ստորագրութիւն Կ՛ապահովէ

Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Գերմանիոյ Կոչ Ընող Արշաւը 150,000 Ստորագրութիւն Կ՛ապահովէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել վերջերս դիմած է համացանցային նախաձեռնութեան մը, որուն միջոցաւ քաղաքացիները կրնան կառավարութեան աշխատանքային օրակարգին մէջ քննուելիք հարցեր առաջարկել: Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք առաջին տասը առաջարկները պիտի մտնեն Մերքելի աշխատանքային օրակարգին մէջ:
Ըստ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքին՝ առայժմ 150 հազար ձայնով առաջին տեղը կը գրաւէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջարկը, իսկ երկրորդ դիրքի վրայ [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Այս Տարի Եւս Ցեղասպանութեան Տարելիցին Ցոյցեր Տեղի Պիտի Ունենան Թուրքիոյ Մէջ

Այս Տարի Եւս Ցեղասպանութեան Տարելիցին Ցոյցեր Տեղի Պիտի Ունենան Թուրքիոյ Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ այս տարի եւս բողոքի հաւաքներ պիտի կատարեն Թուրքիոյ մէջ, նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին:
Ըստ «Հիւրրիյէ»չին՝ ցոյցի նախաձեռնողներն են Մարդկային իրաւունքներու միութիւնն ու «Ո՛չ ըսէ ցեղամոլութեան» նախաձեռնութեան անդամները:
Գլխաւոր ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, իսկ Ապրիլ 24էն առաջ, այլ հաւաքներ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ:
Կազմակերպիչները նշած [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Գործիչները

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Գործիչները

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- 13 Ապրիլին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին։
Նախագահ Սահակեան ողջունած է Ստեփանակերտի մէջ «Հայ Դատի հիմնախնդիրները եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները» խորագիրը կրող խորհրդաժողովի կայացումը՝ զայն նկատելով կարեւոր թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին քաղաքական [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրք Պետական Գործիչը Անցեալի Դէպքերը Մոռնալու Կոչ Կ՛ընէ

Թուրք Պետական Գործիչը Անցեալի Դէպքերը Մոռնալու Կոչ Կ՛ընէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ Ճեմիլ Չիչեք Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին տեղի ունեցած «Ցաւերը կիսելու եւ վէրքերը բուժելու առաջին քայլ» կոչուած գիտաժողովին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ խոստովանած է, որ հայերը պարտադրուած հեռացած են իրենց պապենական տուներէն:
Պոլսոյ «Ակօս» թերթին համաձայն, Չիչեք Հայկական Ցեղասպանութիւնը կապած է համաշխարհային Ա. պատերազմին հետ եւ ընդգծած, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող իւրաքանչիւր [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ամերիկացի Փորձագէտը Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ՝ Ներողութիւն Խնդրելու Հայերէն

Ամերիկացի Փորձագէտը Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ՝ Ներողութիւն Խնդրելու Հայերէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Քոլոմպիա» համալսարանի Մարդկային իրաւունքներու հիմնարկի տնօրէն եւ Թուրքիա-Հայաստան հաշտութեան յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ Ֆիլիփս, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման արձանագրութիւններուն նուիրուած գիտաժողովի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է ներողութիւն խնդրէ հայերէն, եւ կոչ ըրած է անցեալի մէջ ձգելու երկու երկիրներու պատմութենէն եկող անհամաձայնութիւնները:
Անցեալ ամիս հրատարակուած «Թուրքիա-Հայաստան Արձանագրութիւններու Պատմութիւնը»՝ 130 էջանոց [...]

April 13th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Գիւմրիի Մէջ Ատրպէյճանական Շարժապատկերներու Փառատօնը Չեղեալ Յայտարարուած Է

Գիւմրիի Մէջ Ատրպէյճանական Շարժապատկերներու Փառատօնը Չեղեալ Յայտարարուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Խաղաղարար նախաձեռնութիւններու կեդրոնի նախագահ Գէորգի Վանեան չեղեալ յայտարարած է Գիւմրիի մէջ իրականացուող ատրպէյճանական շարժանկարներու փառատօնը:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ի՞նչ հիմք ունի այս որոշումը՝ Գէորգի Վանեան ըսած է. «Որովհետեւ «Ասպարէզ» ակումբի եւ մեր կազմակերպութեան աշխատակիցների, ինչպէս նաեւ Երեւանից Գիւմրի եկող հանդիսատեսի անվտանգութեան հարց կար: Եթէ տեղական իշխանութիւնների լեզուով ասեմ՝ արիւնահեղութեան հարց կար»:
Յիշեցնենք, որ [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Արամ Ա. Կը Դատապարտէ Գրաւեալ Կիպրոսի Մէջ Իրաւանց Բռնաբարումը

Արամ Ա. Կը Դատապարտէ Գրաւեալ Կիպրոսի Մէջ Իրաւանց Բռնաբարումը

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ի առաւօտեան, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Էրաթօ Գոզագու Մարքուլիսէն, որուն մէջ նախարարը տեղեակ կը պահէր վեհափառ հայրապետը, թէ կղզիին՝ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ, իշխանութիւնը արգիլած է Կիպրոսի յոյն եկեղեցւոյ պատկանող Քրիստոֆորոս եպիսկոպոսին համայնք կատարելիք այցելութիւնը ու պատարագը, Ս. Զատկուան առիթով: Նոյն նամակին մէջ [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ Մինսկի Համանախագահներուն Հետ

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ Մինսկի Համանախագահներուն Հետ

12 Ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի, Իկոր Փոփովի, Ժագ Ֆորի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին շարունակուած են քննարկումները արցախեան հարցի կարգաւորման գործընթացին, նաեւ այս տարուան Յունուարին Սոչիի մէջ կայացած գագաթնաժողովին նախագահներու համատեղ յայտարարութեան դրոյթներուն իրականացման շուրջ: Այդ [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

«Զաման»ի Յօդուածագիրը Հայերուն Վնասուց Հատուցում Կատարելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

«Զաման»ի Յօդուածագիրը Հայերուն Վնասուց Հատուցում Կատարելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական մամուլը, Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրուան՝ Ապրիլի 24ին ընդառաջ, կը շարունակէ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն կապուած յօդուածներու հրապարակումը:
«Ռատիքալ»ի մէջ շաբաթասկիզբը լոյս տեսած եւ հայութեան վնասուց հատուցում տրամադրելու կոչ ընող Օրհան Քեմալ Ճենկիզի յօդուածէն ետք, «Զաման»ի յօդուածագիր Տողու Էրկիլ Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին գրած է, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը պիտի չվերանայ, եթէ իշխանութիւնները այդ նպատակով [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

1992ին Հայաստանի Նկատմամբ Անգարայի Միտումները Կը Բացայայտուին

1992ին Հայաստանի Նկատմամբ Անգարայի Միտումները Կը Բացայայտուին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախքան Խորհրդային Միութեան փլուզումը, Խորհրդային Միութեան մօտ Թուրքիոյ փոխդեսպանի պաշտօնը կատարած Հալիլ Աքընճը բացայայտումներ կատարած է այդ օրերուն Հայաստանի առնչուած թրքական դիրքորոշման մասին:
Ըստ թրքական «ekolay.com» կայքին՝ Աքընճը ըսած է, որ Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, Թուրքիա մտադիր էր յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ, եւ նոյնիսկ դեսպանատուն բանալ հոն: Սակայն որոշ ժամանակ [...]

April 12th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Բ. Սահակեան Իր Թեկնածութիւնը Կը Դնէ ԼՂՀի Նախագահի Պաշտօնին Համար

Բ. Սահակեան Իր Թեկնածութիւնը Կը Դնէ ԼՂՀի Նախագահի Պաշտօնին Համար

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Ապրիլին այցելած է Ասկերանի շրջան եւ մասնակցած Իւանեան գիւղի մօտակայքը կազմակերպուած ծառատնկումին:
Նախագահը նաեւ մեկնած է Մարտակերտի շրջան եւ մասնակցած շրջանի վարչակազմի ընդլայնուած նիստին, որուն նպատակն էր անդրադառնալ նախորդ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն:
Զեկուցումներ ներկայացուցած են շրջանի վարչակազմի ղեկավար Լեւոն Չալեանը, համայնքներու, հիմնարկ-ձեռնարկութիւններու ղեկավարները եւ այլ պատասխանատուներ:
Նախագահը իր խօսքին մէջ [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

«Երեւան-Ստեփանակերտ Չուերթի Առաջին Ուղեւորը Ես Եմ Լինելու». ԼՂՀ Բանակի Հրամանատար

«Երեւան-Ստեփանակերտ Չուերթի Առաջին Ուղեւորը Ես Եմ Լինելու». ԼՂՀ Բանակի Հրամանատար

Հայաստանցի լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեան յայտնած է, որ թշնամին զսպողը Արցախի պաշտպանական բանակն է եւ սահմանին վրայ հսկող զինուորը։
«Թշնամուն զսպողն Արցախի պաշտպանական բանակն է եւ սահմանին կանգնած հայ զինուորը: Կրակային տեսանկիւնից լարուածութիւնն այսօր սահմանին շատ աւելին է, քան նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ», Ստեփանակերտի մէջ  յայտարարած է Յակոբեան:
Ան [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Մինչ Տարածք Մը Եւս Պոլսահայութեան Կը Վերադարձուի՝ Կալուածներու Հարցը Կը Քննուի Փոխվարչապետին Հետ

Մինչ Տարածք Մը Եւս Պոլսահայութեան Կը Վերադարձուի՝ Կալուածներու Հարցը Կը Քննուի Փոխվարչապետին Հետ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ին, Պէյքօզի թաղային խորհուրդի անդամ Արետ Չիչեքեքեր փոխանցած է հրաշալի լուր մը, թէ՝ դատարանը Պէյքօզի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ի նպաստ վճիռ արձակած է այն դատին շուրջ, զոր թաղային խորհուրդը բացած էր՝ պահանջելով համայնքին վերադարձնել նախկին գերեզմանատան հողամասը։ Այս հողամասը շատ ալ սովորական հողամաս մը չէ։ Անիկա Վոսփորի ափին, ծովեզերեայ, [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիոյ 1918ի Խորհրդարանը Աւելի Համարձակ Էր Քան Ներկայինը

Թուրքիոյ 1918ի Խորհրդարանը Աւելի Համարձակ Էր Քան Ներկայինը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի սիւնակագիր Սարտար Քայան գրած է, թէ 1918ի Թուրքիոյ խորհրդարանը աւելի համարձակ էր, քան այսօրուանը, քանի որ այդ օրերուն խորհրդարանի ազգութեամբ յոյն երեք պատգամաւորներ հարցապնդում ներկայացուցած էին «1915ին հայերու հետ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ»:
Այս նիւթին կապուած, «Քլարք» համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Թաներ Աքչամ նոյն թերթին կողմէ տրուած հարցումին պատասխանած է՝ ըսելով, որ [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ինչպէ՞ս Դառնալ Հայաստանի Քաղաքացի

Ինչպէ՞ս Դառնալ Հայաստանի Քաղաքացի

Հայաստանի մէջ երկքաղաքացիութեան օրէնքը ընդունուելէ ի վեր, որոշ փոփոխութիւններ աւելցուած են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան ձեռքբերման ընթացակարգին: Նախապէս կը պահանջուէր ՀՀ Սահմանադրութեան իմացութիւն, բժշկական թուղթ, ոչ-դատուած ըլլալու հաստատագիր եւ այլն:
Այսօր Հայաստանի քաղաքացի կրնայ դառնալ ան, որ կրնայ արտայայտուիլ հայերէն լեզուով եւ ծագումով հայ է, այսինքն՝ ունի հայ նախնիներ:
Անհրաժեշտ փաստաթուղթերն են.
- Դիմում՝ ուղղուած ՀՀ նախագահին.
- Ինքնակենսագրութիւն (դեսպանատան [...]

April 11th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Դաշնակցութեան Քայլարշաւ Եւ Հանրահաւաք՝ Արդար Պետութեան Մը Կերտումի Վճռակամութեամբ

Դաշնակցութեան Քայլարշաւ Եւ Հանրահաւաք՝ Արդար Պետութեան Մը Կերտումի Վճռակամութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Ապրիլին «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընտրական քարոզարշաւի ծրագիրներուն մաս կազմող քայլարշաւ եւ հանրահաւաք։
Յաղթանակի զբօսայգիէն ՀՅԴի ուսանողական եւ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները, ազատամարտիկներ, «Քուէն ուժ է» շարժման գործիչներ ու կուսակցութեան համակիրներ քայլարշաւով հասած են մինչեւ Մատենադարան, հոն հաւաքուածները եւս միացած են իրենց, ու միասնաբար ուղղուած դէպի Ազատութեան հրապարակ:
Քայլարշաւին մասնակիցները յայտարարած [...]

April 10th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Զարաքօլու Ժամանակաւորապէս Ազատ Կ՛արձակուի

Զարաքօլու Ժամանակաւորապէս Ազատ Կ՛արձակուի

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ պետութեան պայքարին ծիրէն ներս ձերբակալուած Ռակըպ Զարաքօլու եւ 15 ուրիշներ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին ազատ արձակուած են բանտէն, մինչ անոնց դատավարութիւնը կը շարունակուի:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ այդ մասին իր «Պելկէ» հրատարակչութեան միջոցով շարք մը հատորներ հրապարակած Զարաքօլու, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին ձերբակալուած էր, իսկ անցեալ շաբաթ դատախազութիւնը զայն մինչեւ 15 [...]

April 10th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

«Ռատիքալ»ի Թղթակիցը Հայութեան Հատուցում Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

«Ռատիքալ»ի Թղթակիցը Հայութեան Հատուցում Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ, Օրհան Քեմալ Ճենկիզ Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին, յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով անդրադարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին եւ գրած, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ ոչ մէկ միջազգային հաստատութիւն կրնայ հատուցում պարտադրել Թուրքիոյ, Անգարա պէտք է հայերէն պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրէ ու միջոցներ փնտռէ հայերուն վնասուց հատուցում վճարելու համար։
Երկուշաբթի օրուան յօդուածին մէջ ան [...]

April 10th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ալիեւի Դէմ Ցոյցեր Սապիրապատի Մէջ

Ալիեւի Դէմ Ցոյցեր Սապիրապատի Մէջ

ՍԱՊԻՐԱՊԱՏ, «Արմէնփրէս».- Քուռ գետի վարարումներէն տուժած Ատրպէյճանի Սապիրապատ շրջանի բնակիչները Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին բողոքի հանրահաւաք մը կատարած են՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել «Քուռ» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Օքթայ Կիւլալիեւը, որ երկու օր առաջ ձերբակալուած էր «մանր խռովարարութեան» յանցանքով:
Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց՝ ցոյցի մասնակիցները փակած են շրջանի գլխաւոր ճամբան, որուն հետեւանքով, ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախում տեղի [...]

April 10th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ս. Յարութեան Տօնը Արեւմտեան Թեմէն Ներս

Ս. Յարութեան Տօնը Արեւմտեան Թեմէն Ներս

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երբ մեր անհատական ու հաւաքական կեանքին մէջ Ս. Յարութեան յաղթական հաւատքով զինուած ենք, մեր կեանքը վերանորոգ կամքով կ՛առաջնորդուի, Յիսուսի Յարութեան ներշնչումով նոր մարդ կը դառնանք, նոր կորով կը զգենունք ու կը գործենք վասն մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, վասն ազգի շինութեան։ Այս բառերով է, որ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորեց մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, Ս. Յարութեան [...]

April 10th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Ներկայացնէ Իր Նախընտրական Ծրագիրը

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Կը Ներկայացնէ Իր Նախընտրական Ծրագիրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա», «Արմէնփրէս», «Լրագիր», «Նիուզ», «Ազատութիւն», «Թերթ», «Փանորամա».– 6 Մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախօրեակին Հայաստանի մէջ կը տիրէ ընտրական մթնոլորտ։ Դաշնակցութիւնը եւս  իր ներկայացուցիչներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, կազմակերպած ձեռնարկներուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն, տրուած հարցազրոյցներուն ընդմէջէն դրսեւորած է իր կեցուածքը, անդրադարձած է իր հետապնդած նպատակներուն՝ յատկապէս շեշտը դնելով նախընտրական աշխատանքին եւ [...]

April 9th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Թուրքիայէն Եկեղեցիներու Վերադարձը Պահանջող Բանաձեւ՝ Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Թուրքիայէն Եկեղեցիներու Վերադարձը Պահանջող Բանաձեւ՝ Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանին Մէջ

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեան նահանգի խորհրդարանին ու Ծերակոյտին ներկայացուցած է միացեալ թիւ 34 բանաձեւը, որուն մէջ կը պահանջուի Թուրքիոյ իշխանութիւններէն՝ յարգել երկրին փոքրամասնութեանց կրօնական ազատութիւնները ու անոնց վերադարձնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան կալուածները:
«Կրօնական հանդուրժողականութիւնն ու ազատութիւնը արդի ընկերութեան սիւներէն են: Այս [...]

April 9th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պաղըշ Եւ Պահչելի Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Նոր Ելոյթներ Կ՛ունենան

Պաղըշ Եւ Պահչելի Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Նոր Ելոյթներ Կ՛ունենան

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հակադարձելով Սլովաքիոյ Բարձրագոյն ատեանի նախագահ Սթեֆան Հարապին այն յայտարարութեան, թէ ոեւէ թուրք, որ Սլովաքիոյ մէջ ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, հինգ տարի բանտարկութեան պիտի դատապարտուի՝ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերու նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ Զուիցերիոյ մէջ ուրացած էր Ցեղասպանութիւնը, Կիրակի, Ապրիլ 8ին յայտարարեց, թէ Սլովաքիոյ Բարձրագոյն ատեանի նախագահը իր լիազօրութիւններէն վեր յայտարարութիւն մը կատարած է այդ պնդումով:
«Անոր [...]

April 9th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Գոռ Մալեան՝ Սամպոյի Եւրոպայի Ախոյեան

Գոռ Մալեան՝ Սամպոյի Եւրոպայի Ախոյեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սամպոյի Եւրոպայի պատանիներու, աղջիկներու, երիտասարդներու առաջնութեան մրցումներուն վերջին օրը՝ 8 Ապրիլին, 56 քիլօկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ Հայաստանը ներկայացնող մարզիկներէն Գոռ Մալեանը հանդէս եկած է բացառիկ խաղարկութեամբ։ Բոլոր գօտեմարտերուն ընթացքին շատ լաւ արդիւնք ապահովելով՝ ան յաղթած է իրեն տարեկից բոլոր մրցակիցներուն եւ հռչակուած է Եւրոպայի ախոյեան։
Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին համաձայն, հայաստանեան երիտասարդական հաւաքականէն 74 քիլոկրամ [...]

April 9th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Արամ Ա. Սուրիահայութեան Վիճակը Կը Քննէ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

Արամ Ա. Սուրիահայութեան Վիճակը Կը Քննէ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 6ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քարիմ Ալին: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպման ներկայ էին նախարար Փանոս Մանճեան եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը տեւեց շուրջ երկու ժամ. անոր ընթացքին դեսպանը լայնօրէն բացատրեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերը, անոնց ետին գտնուող դրդապատճառները, շրջանային ու միջազգային [...]

April 6th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Կ՛առաջարկուի Զարաքօլուն 15 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտել

Կ՛առաջարկուի Զարաքօլուն 15 Տարուան Բանտարկութեան Դատապարտել

ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Իր հայանպաստ եւ քրտանպաստ կեցուածքներով ծանօթ հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի եւ փրոֆ. Պիւսրայ Էրսանլիի կապակցութեամբ, դատախազութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին, յաջորդաբար 15 եւ 38.5 տարուան բանտարկութեան վճիռ պահանջած է:
Անոնք ձերբակալուած էին Նոյեմբերին, քրտամէտ գործիչներու եւ մտաւորականներու ձերբակալութեանց լայնածաւալ արշաւին ընթացքին, «ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնելու» յանցանքով:
Վերոյիշեալներուն հետ ձերբակալուած 188 այլ մեղադրեալներուն պարագային՝ 7.5էն 119 տարուան բանտարկութիւն պահանջուած [...]

April 6th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Սպաննուած Հայ Զինուորին Նշանածը Անոր Ենթարկուած Ճնշումներուն Մասին Կը Յայտնէ Ատեանին

Սպաննուած Հայ Զինուորին Նշանածը Անոր Ենթարկուած Ճնշումներուն Մասին Կը Յայտնէ Ատեանին

ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Պաթման նահանգին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ անցեալ տարուան Ապրիլ 24ին, իր ծառայակիցին կողմէ սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճիի գործով, դատարանին մէջ ցուցմունք տուած է անոր նշանածը՝ Մելանի Քումրոյեանը:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին հաղորդեց, թէ Մելանին դատարանին մէջ ըսած է, որ զօրամասին մէջ Սեւակ միշտ հոգեբանական ճնշումներու ենթակայ եղած է: «Հեռախօսազրոյցներէն մէկուն [...]

April 6th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ատրպէյճան Կ՛ընկրկի Կիպրոսի Սպառնալիքին Դիմաց

Ատրպէյճան Կ՛ընկրկի Կիպրոսի Սպառնալիքին Դիմաց

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանէն դէպի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոս թռիչքները, որոնք տարեկան 18 հազար զբօսաշրջիկներ կը փոխադրէին, ջնջուած են:
Ըստ թրքական մամուլին՝ Կիպրոսի կառավարութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան սպառնացած է կիպրական օդանաւերուն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայան թռիչքներ կատարելը արտօնել, եթէ ատրպէյճանական թռիչքները շարունակուին:
Ատրպէյճանի այս քայլը հիւսիսային Կիպրոսի զբօսաշրջային ծրագիրներուն հարուած մը [...]

April 6th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Սաքրամենթոյի Մէջ Հայ Դատի Օր՝ Ապրիլ 19ին

Սաքրամենթոյի Մէջ Հայ Դատի Օր՝ Ապրիլ 19ին

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քալիֆորնիոյ նահանգային հարցերու ենթայանձնախումբի ատենապետ Արամ Կարապետեան կը յայտնէ, թէ ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարքի մը նախաձեռնած են՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար:
Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին մէջ կայանալիք այս տարուան ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին. անոնց մէջ [...]

April 6th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Հալէպահայութեան Ղեկավարները Միասնաբար Կը Քննեն Սուրիոյ Տագնապէն Բխած Հարցերը

Հալէպահայութեան Ղեկավարները Միասնաբար Կը Քննեն Սուրիոյ Տագնապէն Բխած Հարցերը

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ազգային վարչութեան հրաւէրով, Երկուշաբթի, 26 Մարտ 2012ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճէն ներս գումարուեցաւ հայ երեք համայնքապետերու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական ընդարձակ հանդիպումը:
Հայ երեք համայնքապետերու հովանաւորութեամբ գումարուած այս խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին, առաջնային կարեւորութեամբ նիւթ դարձան սուրիական հայրենիքին վիճակուած տագնապալի [...]

April 5th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Քլինթըն Թուրքիոյ Բռնագրաւած Կալուածներուն Հարցով Կտրուկ Քայլեր Կը Խոստանայ Պըրմընին

Քլինթըն Թուրքիոյ Բռնագրաւած Կալուածներուն Հարցով Կտրուկ Քայլեր Կը Խոստանայ Պըրմընին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, շարունակելով պատասխանել Քոնկրեսի մէջ կիսատ մնացած իր հարցաքննութենէն ետք ներկայացուած գրաւող հարցումներուն՝ խոստացած է յաւելեալ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած եկեղեցիներու եւ կրօնական կալուածներու վերադարձը ապահովելու նպատակով՝ միաժամանակ չափազանց գովաբանելով հայերէն եւ այլ փոքրամասնութիւններէ գրաւուած կալուածներուն ջնջին մէկ բաժինը [...]

April 5th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Շըրմընին Պատասխանելով՝ Քլինթըն Ջաւախքին Նպաստել Կը Խոստանայ

Շըրմընին Պատասխանելով՝ Քլինթըն Ջաւախքին Նպաստել Կը Խոստանայ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, պատասխանելով Ջաւախքի հայութեան օժանդակութիւններ տրամադրելու կապակցութեամբ քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի մէկ հարցումին՝ պաշտօնապէս վերահաստատած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը «յատկանշական օժանդակութիւն» պիտի ցուցաբերէ Ջաւախքին:
Քլինթըն նշած է, որ Ամերիկայի «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» կազմակերպութեան միջոցով վերականգնուած է Թիֆլիսը Ջաւախքին կապող մօտաւորապէս 222 քլմ. [...]

April 5th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Եւ Երկու Կալուածներ Վերադարձուած Են

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցի Մը Եւ Երկու Կալուածներ Վերադարձուած Են

ՊՈԼԻՍ.- «Ակօս» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ 1936էն ետք փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին կողմէ արձակուած 2011ի Օգոստոս 28ի հռչակագիրին շնորհիւ, ցարդ իրենց իսկական տէրերուն վերադարձուած են Պէյօղլուի թաղամասի Յոյն ուղղափառ եկեղեցին եւ դպրոցը, Սուրբ Հրեշտակապետ հայկական եկեղեցին, անոր դպրոցն ու գերեզմանատունը, ինչպէս նաեւ Քատըքոյի մէջ հրէական սինակոկ մը:

April 5th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Տիգրանակերտի Հայկական Եկեղեցին Արհեստանոցի Կը Վերածուի

Տիգրանակերտի Հայկական Եկեղեցին Արհեստանոցի Կը Վերածուի

ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ տարածաշրջանին կեդրոնը հանդիսացող Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ գտնուող 142 տարուան հայկական բողոքական եկեղեցին, վերանորոգուելէ ետք վերածուած է արհեստանոցի:
Քրտական «Ֆրա»չ լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ եկեղեցին վերանորոգուած է Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ, որմէ ետք որոշուած է զայն դարձնել կանանց կրթական կեդրոն մը, ուր երիտասարդ կանանց արծաթագործութիւն եւ մետաքսագործութիւն կը սորվեցնեն:
Նախագիծի տնօրէն [...]

April 5th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիոյ Մէջ 1909էն Ի Վեր Սպաննուած 112 Լրագրողներուն 33ը՝ Հայեր

Թուրքիոյ Մէջ 1909էն Ի Վեր Սպաննուած 112 Լրագրողներուն 33ը՝ Հայեր

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ 1909էն մինչեւ այսօր սպաննուած են 112 լրագրողներ եւ անոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հայեր ու քիւրտեր։ «Ձերբակալեալ լրագրողներու համերաշխութեան հարթակ» կազմակերպութեան մամլոյ բանբեր Նեճաթի Ապայ ներկայացուցած է 1909էն մինչեւ այսօր սպաննուած լրագրողներուն ցանկը՝ ըսելով, թէ Թուրքիոյ մէջ սպաննուած առաջին լրագրողն է Հասան Ֆեհմի, որուն մահուան օրը՝ Ապրիլ 6ը, կազմակերպութիւնը կը [...]

April 5th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Սուրիահայութիւնը Զատիկը Պիտի Նշէ Առանց Ցուցական Երեւոյթներու

Սուրիահայութիւնը Զատիկը Պիտի Նշէ Առանց Ցուցական Երեւոյթներու

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».-  Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան Սուրբ Զատկուան առթիւ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, զոր ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութ;ան տօնը կը պատրաստուինք դիմաւորել սուրիական մեր հայրենիքի համար տագնապալի օրերու մէջ:
Մահուամբ մահը յաղթած եւ յարութեամբ մեզի կեանք շնորհած մեր Տիրոջ օրինակով, այսօր, յանուն սուրիահայութեան, խստօրէն կը դատապարտենք համայն Սուրիոյ տարածքին [...]

April 5th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ընտրակեղծիքի Դէմ Պայքարի Միասնական Հռչակագիր Որդեգրուած Է

Ընտրակեղծիքի Դէմ Պայքարի Միասնական Հռչակագիր Որդեգրուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- 4 Ապրիլին Քաղաքագէտներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած լսումներէն ետք, որուն մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի, ՀՅԴի, ՀԱԿի, «Ժառանգութեան» եւ «Ազատ դեմոկրատներ»ու ներկայացուցիչները, քննարկուած է միասնական հանրային ղեկավարման մարմին ստեղծելու հարցը:
Լսումներուն մասնակիցները այս մէկը ամրագրած են հռչակագիրով, որով պիտի արձանագրուի ընտրութիւններու վերահսկողութեան միասնական հանրային կեդրոնական ղեկավարման մարմին ձեւաւորելու համաձայնութիւնը: Այդ [...]

April 4th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Հայկական Պատուիրակութիւնը Պոյքոթի Ենթարկած Է Ատրպէյճանի Նախագահին Մօտ Կայացած Ճաշը

Հայկական Պատուիրակութիւնը Պոյքոթի Ենթարկած Է Ատրպէյճանի Նախագահին Մօտ Կայացած Ճաշը

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Եւրոնես»ի 3 Ապրիլի լիագումար նիստին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի մասին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կոշտ ձեւակերպումներով ելոյթը ո՛չ միայն հայկական կողմին համար անընդունելի էր, այլ նաեւ՝ եւրոպացի պատգամաւորներուն համար: Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան արդէն այս առնչութեամբ գրաւոր բողոք ներկայացուցած է։
«Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հայկական պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՀԿ [...]

April 4th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ռաաի Պատրիարքի Թուրքիա Այցելութեան Մասին Լուսաբանութիւններ Փոխանցուեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ռաաի Պատրիարքի Թուրքիա Այցելութեան Մասին Լուսաբանութիւններ Փոխանցուեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2012ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մարոնիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաաի պատրիարքի փոխանորդ Փօլ Սայահ արքեպիսկոպոսի: Պատրիարքը յատուկ պարտականութիւն տուած էր իր փոխանորդին՝ վեհափառ հայրապետին այցելելու եւ լուսաբանութիւններ տալու Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ու յատկապէս հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ պետական պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած խօսակցութեան շուրջ:
Պատրիարքական [...]

April 4th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Կիպրոս Պատրաստ Է Սատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման

Կիպրոս Պատրաստ Է Սատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– 4 Ապրիլին Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քազաքու-Մարկուլիս նշած է, թէ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ոճիրը միջազգային ճանաչում ստանայ։
«Ասիկա Հայաստան տուած իմ առաջին այցելութիւնս է եւ ես մեծապէս տպաւորուած եմ։ Այս օրերուն ունեցած հանդիպումներէս բացի, այցելած [...]

April 4th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ատրպէյճանը՝ «Յեղափոխութեան Համար Հիանալի Վայր»

Ատրպէյճանը՝ «Յեղափոխութեան Համար Հիանալի Վայր»

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպացի պատգամաւորը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ ցնցած է երկրին կառավարութիւնը՝ անոր ապագային մասին կանխատեսումներ կատարելով: Ատրպէյճանական «Ազատլըք» թերթին համաձայն՝ Պաքուի մէջ կայացող «Եւրոնես»չի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերէն անմիջապէս առաջ, որոնք տեղի կ՛ունենային Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ, վեհաժողովի պուլկարացի համանախագահ Քրիսթիան Վիկենին Պաքուն գնահատած է իբրեւ «յեղափոխութեան համար հիանալի վայր»: Տեսնելով, որ իր շուրջ [...]

April 4th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ծաղկազարդը՝ Արեւմտեան Թեմին Մէջ

Ծաղկազարդը՝ Արեւմտեան Թեմին Մէջ

Ս. Յարութեան տօնէն շաբաթ մը առաջ, քրիստոնեայ աշխարհը Կիրակի, Ապրիլ 1ին տօնեց Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին յիշատակը։
Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ ալ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր։ Մուտքերն ու խորանները զարդարուած էին ձիթենիի ու արմաւենիի ճիւղերով, իսկ մանուկները՝ գունագեղ զգեստներով ու մոմեր ի ձեռին, եկեղեցի բերուած էին մասնակից ըլլալու այս ուրախ տօնին:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ [...]

April 3rd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ալիեւ Կը Վիրաւորէ «Եւրոնեսթ»ի Ժողովին Մասնակցող Հայ Պատգամաւորները

Ալիեւ Կը Վիրաւորէ «Եւրոնեսթ»ի Ժողովին Մասնակցող Հայ Պատգամաւորները

ՊԱՔՈՒ.- Երեքշաբթի, 3 Ապրիլին, Արեւելեան գործընկերութեան «Եւրոնես»չ խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին յղած իր ուղերձին մէջ, Ատրպէյճանի նախագահը հայերը անուանած է «ֆաշիստներ», որուն առնչութեամբ Պաքուի մէջ գտնուող հայաստանեան պատուիրակութիւնը վեհաժողովի մասնակիցներէն պահանջած է գնահատական տալ Ալիեւի ելոյթին:
Հայկական պատուիրակութիւնը Ալիեւի ելոյթը, առհասարակ, գնահատած է իբրեւ ճշգրտութեան եւ դիւանագիտական վարքի չափանիշներէն ամբողջութեամբ դուրս:
Հայկական պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրապեան պաքուէն [...]

April 3rd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայ Դատի Յանձնախմբերը Յաղթահարելու Են Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Հայ Դատի Յանձնախմբերը Յաղթահարելու Են Հայաստանի Ու Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի գրասենեակէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Երեւանում, Մարտի 30, 31ին եւ Ապրիլի 1ին գումարուեց ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախմբերի եւ գրասենեակների խորհրդաժողովը: Ապրիլի 2ին գումարուեց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կենտրոնական խորհրդի նիստը:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցին մօտ 60 ներկայացուցիչներ՝ Հայ Դատի 25 յանձնախմբերից եւ գրասենեակներից, ՀՅԴ կուսակցական մարմիններից. ներկայ էին նաեւ մի շարք հրաւիրեալներ:
Խորհրդաժողովի [...]

April 3rd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Էրտողան Քլինթընը Կը Լծէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Ձախողեցնելու Գործին

Էրտողան Քլինթընը Կը Լծէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Ձախողեցնելու Գործին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Ինպէս նշած էինք, Պոլսոյ մէջ Կիրակի, Ապրիլ 1ին կայացած է «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովը, որուն ներկայ գտնուելու համար Թուրքիա այցելած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն։
Թրքական մամուլը կ՛ընդգծէ, որ Քլինթըն հանդիպումներ ունեցած է վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, որոնք երեք կարեւոր պատգամներ փոխանցած են [...]

April 3rd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ֆիւլէ Կը Բացառէ Մինսկի Խմբակին Մէջ Ֆրանսայի Փոխարինումը

Ֆիւլէ Կը Բացառէ Մինսկի Խմբակին Մէջ Ֆրանսայի Փոխարինումը

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Եւրոմիութեան յանձնակատար Ստեֆան Ֆիւլէ յայտարարած է, որ բացառուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին մէջ Ֆրանսայի փոխարինումը:
Ֆիւլէ յայտարարած է նաեւ, որ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն:
Եւրոմիութեան յանձնակատարը յայտնած է, որ համանախագահներու հարցը քննարկուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իր հանդիպման ընթացքին:
Ֆիւլէ [...]

April 3rd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր»ին Հարցազրոյց Կու Տայ Պաքուէն

Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր»ին Հարցազրոյց Կու Տայ Պաքուէն

«Երկիր»ի թղթակցի հեռախօսազրոյցը՝ «Եւրանես»չ Խորհրդարանական վեհաժողովում հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ, ՀՀ ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի հետ.

ՇՈՒՇԱՆ  ՇԱՀՎԵՐԴԵԱՆ.- Պարոն Յովհաննիսեան, ի՞նչ զգացողութիւններ ունէք՝ լինելով Բաքւում: Ինչպէ՞ս անցաւ առաջին աշխատանքային օրը:
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Նորմալ աշխատանքային մթնոլորտում՝ շատ լարուած, այն առումով, որ ծրագիրը բաւական խիտ էր: Այսօր կայացան «Եւրանեսթի» բոլոր յանձնաժողովների նիստերը, որտեղ հայկական պատուիրակութեանը յաջողուեց, ի հարկէ, [...]

April 2nd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւն Մը Տնտեսական Հարցեր Քննարկած Է Արցախի Նախագահին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Պատուիրակութիւն Մը Տնտեսական Հարցեր Քննարկած Է  Արցախի Նախագահին Հետ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ա1».- 2 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեանն ու սփիւռքահայ խումբ մը բարերարներ։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր։  Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է Քաշաթաղի շրջանի զարգացման խնդիրներուն, մասնաւորաբար ելեկտրականութեան, գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան բնագաւառներուն վերաբերող։
Նախագահ Սահակեան շատ կարեւոր նկատած է այս գծով [...]

April 2nd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Արթուր Աբրահամ՝ Եւրոպայի Ախոյեան

Արթուր Աբրահամ՝ Եւրոպայի Ախոյեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փիթըր Վիլշեւսքին:
Այս ճակատումը կայացաւ ակնկալուածէն շատ աւելի «տաք» մթնոլորտի մէջ, մանաւանդ որ լեհ կռփամարտիկը շատ վարպետօրէն կը խուսափէր Արթուր Աբրահամի հարուածներէն:
Սակայն 12րդ ռաունտէն ետք, իրաւարարները յաղթանակը շնորհեցին Աբրահամին՝ 118-109, 118-109 եւ 119-108 արդիւնքով: Այսպիսով, Աբրահամ հանդիսացաւ WBO-ի Եւրոպայի ախոյեան:
«Սա ինձ համար, իսկապէս, ծանր [...]

April 2nd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Պիրանտ Նահատակ Կը Նկատէ Տինքը

Պիրանտ Նահատակ Կը Նկատէ Տինքը

ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ եւս անդրադարձած է Հրանդ Տինքը Թուրքիոյ մէջ նահատակ հռչակելու հարցին՝ գրելով. «Հրանդ Տինք թրքական պետութեան նահատակն է: Ռազմի դաշտին վրայ պետութեան համար զոհուածներէն շատ աւելի Թուրքիան պարտական է Հրանդին, որովհետեւ ան գիտակցաբար Հրանդը մահուան ուղարկած է եւ անհրաժեշտ պահանջկոտութիւնը չէ ցուցաբերած անոր հայ ըլլալուն: Մէկ տեսանկիւնէ՝ անոր [...]

April 2nd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ոչ Եւս Է Բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեան

Ոչ Եւս Է Բանաստեղծ Զարեհ Մելքոնեան

ՊՈՍԹԸՆ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ թատերագիր Զարեհ Մելքոնեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Ուրբաթ, Մարտ 30ին, Քալիֆորնիոյ Ֆրիմոնթ քաղաքի իր բնակարանին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Մահէն շաբաթ մը առաջ, ան սրտի կաթուածէ մը ետք ենթարկուած էր բժշկական խնամքի։
Զարեհ Մելքոնեանի մահով տակաւ կը նօսրանայ սփիռքահայ գրականութեան զարգացումին մասնակից փաղանգը [...]

April 2nd, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Գլենդէյլի «Գրիգոր Եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական Կենտրոնի Օգտին Հանգանակուեց Աւելի Քան 70 Հազար Դոլար

Գլենդէյլի «Գրիգոր Եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական Կենտրոնի Օգտին Հանգանակուեց Աւելի Քան 70 Հազար Դոլար

ԶԱՐԵՀ Ա.
Շաբաթ, Մարտ 17ին Գլենդէյլի «Ռենըսանս» սրահում տեղի ունեցաւ Գլենդէյլի Հայ կենտրոնի Ընկերային յանձնախմբի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որի հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուած էր Գլենդէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կենտրոնի օգտին:
Այս տարուան ճաշկերոյթ-պարահանդէսի գլխաւոր հովանաւորներն էին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք, ինչպէս միշտ, սատարեցին Գլենդէյլի Երիտասարդական կենտրոնը, որի գլխաւոր ժողովասրահը եւս կրում է իրենց անունը:
Կազմակերպիչ յանձնախմբի կողմից ձեռնարկի [...]

March 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ՀՅԴ Հայ Դատի Խորհրդաժողովի Պաշտօնական Բացում Երեւանի Մէջ

ՀՅԴ Հայ Դատի Խորհրդաժողովի Պաշտօնական Բացում Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս».- 30 Մարտին, ժամը 11ին, Երեւանի «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու չորրորդ խորհրդաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 25 յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու 60 ներկայացուցիչներ՝ Արժանթինէն, Պրազիլէն, Միացեալ Նահանգներէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Գանատայէն, Հայաստանէն, Արցախէն, Եգիպտոսէն, Աւստրալիայէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Ուրուկուէյէն, Սուրիայէն, Վրաստանէն, Քուէյթէն, [...]

March 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ՀԵԴն Ապրիլ 24ի Ցոյցին Մասնակցելու Կոչ Կ՛ընէ Համայնքին

ՀԵԴն Ապրիլ 24ի Ցոյցին Մասնակցելու Կոչ Կ՛ընէ Համայնքին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն կը տեղեկացնէ, թէ ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Ապրիլ 24ին բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, դատապարտելու համար Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը:
6300 Wilshire Blvd. հասցէին գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ ցոյցը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:
ՀԵԴն [...]

March 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հոլանտ Անընդունելի Կը Համարէ Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Անգարայի Դիրքը

Հոլանտ Անընդունելի Կը Համարէ Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Անգարայի Դիրքը

ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահի ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ «անընդունելի» որակած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի քաղաքականութիւնը՝ ըստ թրքական IHA լրատուական գործակալութեան: Հոլանտ աւելցուցած է, թէ Թուրքիա տակաւին չէ ապահոված ժողովրդավարութեան այնպիսի մակարդակ մը, որպէսզի անդամակցի Եւրոմիութեան:
«Թուրքիոյ մէջ ապահովուած չեն կնոջ եւ տղամարդու հաւասարութիւնը, մամուլի եւ կամ արտայայտութեանց ազատութեան իրաւունքը, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումները, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու [...]

March 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Եւրոխորհրդարանը Փոքրամասնութեանց Իրաւունքները Յարգելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

Եւրոխորհրդարանը Փոքրամասնութեանց Իրաւունքները Յարգելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհրդարանը, պատգամաւորներու ձայներու մեծամասնութեամբ, Ուրբաթ, Մարտ 30ին վաւերացուցած է Թուրքիոյ առնչուող զեկոյց մը, որուն մէջ կը պահանջուի ճանչնալ ու յարգել երկրին մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները: Նաեւ կը պահանջուի երաշխաւորել փոքրամասնութեանց մայրենի լեզուն սորվեու իրաւունքը:
Զեկոյցին մէջ կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա պէտք է աշխուժօրէն շարունակէ բանակի եւ դատաիրաւական համակարգի հետ կապուած բոլոր բարեփոխումները, եւ [...]

March 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ռուսիա Զօրք Կը Կեդրոնացնէ Ատրպէյճանի Սահմանին Մօտ

Ռուսիա Զօրք Կը Կեդրոնացնէ Ատրպէյճանի Սահմանին Մօտ

Ըստ ռուսական Argument.ru կայքէջին, Ատրպէյճանի սահմանամերձ Տաղստան շրջանին մօտ, Ռուսիա վերջին օրերուն տեղադրած է ստուարածաւալ բանակային զօրք, որ, ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ բաղկացած է 25 հազար զինուորներէ, ծանր հրետանիներու 300 միաւորներէ, որոնց շարքին՝ «T-90» հրասայլեր եւ հրթիռային համակարգեր:
Զօրքերու այդպիսի աննախընթաց տեղակայման քայլը շարք մը վարկածային վերլուծումներու պատճառ դարձած է քաղաքական վերլուծաբաններու համար: Ըստ Argument.ru-ի՝ Տաղստանի [...]

March 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Թուրքիա 100 Միլիոն Տոլար Ծախսած Է Ֆրանսայի Մէջ՝ Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Թուրքիա 100 Միլիոն Տոլար Ծախսած Է Ֆրանսայի Մէջ՝ Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

29 Մարտին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Հրաչ Վարժապետեան յայտնած է, որ, ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն, Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը վիժեցնելու նպատակով նախորդ տարուան ընթացքին Թուրքիա ծախսած է 100 միլիոն տոլար:
Անոր համաձայն, այսօր Ֆրանսայի մէջ կայ թրքական յստակ վտանգ, եւ հայ համայնքին անվտանգութիւնը եւս խնդրոյ առարկայ է։
«Մենք լաւ կը ճանչնանք թուրքը, [...]

March 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւնները՝ Յուլիս 19ին

Արցախի Նախագահական Ընտրութիւնները՝ Յուլիս 19ին

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յուլիս 19ին. այս մասին Հինգշաբթի, Մարտ 29ին հաղորդեց ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ)՝ ըստ նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի հերթական լիագումար նիստին վաւերացուած որոշումին:
ԿԸՅը յատուկ նիստ մը պիտի գումարէ, հաստատելու համար ընտրութիւններու կայացման հիմնական միջոցառումներու ժամանակացոյցը:
ԼՂՀ նախագահական նախորդ ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 2007ի [...]

March 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Լաւրով Երեւան Կ՛երթայ Արցախի Հարցը Քննելու

Լաւրով Երեւան Կ՛երթայ Արցախի Հարցը Քննելու

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան գրասենեակին հաղորդած լուրերուն համաձայն, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ մնայուն ներկայութիւն է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցը։ Գրասենեակը այս մասին ակնարկեց՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի 2-3 Ապրիլին Հայաստան կատարելիք այցելութեան մասին տեղեակ պահելով։
Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Ռուսիա կ՛ողջունէ հակամարտութեան կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ Հիմնարար սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան ձեռքբերումը արագացնելու իբրեւ հիմք [...]

March 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Իսրայէլ Ռազմակայան Կը Ստեղծէ Ատրպէյճանի Մէջ

Իսրայէլ Ռազմակայան Կը Ստեղծէ Ատրպէյճանի Մէջ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ ըստ արեւմտեան աղբիւրներու՝ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ արդէն իսկ համաձայնութեան հասած են Իրանի դէմ համատեղ գործողութիւններու հարցով:
Միջազգային դիւանագիտական շրջանակներու մէջ ամենահեղինակաւոր թերթերէն մէկը համարուող ամերիկեան «Foreign Policy» հանդէսը, Չորեքշաբթի, Մարտ 28ին հրապարակած իր յօդուածին մէջ գրած է. «Բարձրաստիճան չորս դիւանագէտներ եւ ռազմական հետախուզութեան սպաներ կը պնդեն, թէ Իսրայէլ հնարաւորութիւն ստացած [...]

March 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրք Ուսանողները Կոչ Կ՛ընեն Առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ

Թուրք Ուսանողները Կոչ Կ՛ընեն Առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պողազիչի համալսարանի ուսանողները «Խաղաղութեան եւ արդարութեան շաբա»չի ծիրէն ներս, «Մարդկութիւնը կեղտոտ պատերազմի լաբիրինթոսներէն հանելու համար», կազմակերպած են ձեռնարկ մը, ուր խօսուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան կողքին քննուած են նաեւ քրտական հարցը եւ քանի մը ամիս առաջ Իրաք-Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած 35 քիւրտ քաղաքացիներու սպանութիւնը:
Միջոցառման բացման խօսքին [...]

March 28th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Կալեսի Խորհրդարանականներուն Մեծամասնութիւնը Ցեղասպանութեան Հռչակագիրին Աջակցած Են

Կալեսի Խորհրդարանականներուն Մեծամասնութիւնը Ցեղասպանութեան Հռչակագիրին Աջակցած Են

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մեծն Բրիտանիոյ չորս մասնիկներէն մէկը հանդիսացող Կալեսի խորհրդարանի անդամներուն մեծ մասը ստորագրած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան մասին հռչակագիրը. այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «novostink.ru» կայքը՝ վկայակոչելով Մեծն Բրիտանիոյ հայերու իրաւունքներու պաշտպան Էլիան Ուիլեըմզի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութիւնը:
Կալեսի խորհրդարանի 60 անդամներէն 45ը մասնակցած են սոյն հռչակագիրի քուէարկութեան: Հռչակագիրը ապահոված է 32 ստորագրութիւն:
Ուիլեըմզ դրուատած [...]

March 28th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հրապարակուած Է Ատրպէյճանի Գնած Ռազմական Սարքաւորումներուն Ցանկը

Հրապարակուած Է Ատրպէյճանի Գնած Ռազմական Սարքաւորումներուն Ցանկը

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Սթոքհոլմի Խաղաղութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկը (SIPRI) զեկոյց մը հրապարակած է աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած զէնքերու առեւտուրի մասին, որուն մէջ նշուած է, թէ Ատրպէյճան Իսրայէլէն սկսած է զէնքեր գնելու 2008 թուականէն ի վեր:
Ուսումնասիրութեան տուեալներով՝ 2008ին Ատրպէյճան Իսրայէլէն գնած է 10 անօդաչու օդանաւեր, իսկ 2010ին՝ Ատրպէյճանի մէջ կազմուելու համար գնուած է նման օդանաւերու 10 այլ [...]

March 28th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայ Դատի Հանդիպումը Վրաստանի Դեսպանին Հետ

Հայ Դատի Հանդիպումը Վրաստանի Դեսպանին Հետ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Չորեքշաբթի, Մարտ 28ին հանդիպում մը տեղի ունեցած է Եւրոպական Միութեան, Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի մօտ Վրաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սալոմէ Սամատաշվիլիի հետ: Հանդիպման ներկայ եղած են Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ հասարակական կազմակերպութեանց կապերու ու հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:
Վրաստանի դեսպանին հետ հանդիպումը նպատակ [...]

March 28th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիոյ Բանակին Մէջ Սպաննուած Հայ Զինուորին Ծնողքը Զայրացած Է Պահչելիի Պնդումէն

Թուրքիոյ Բանակին Մէջ Սպաննուած Հայ Զինուորին Ծնողքը Զայրացած Է Պահչելիի Պնդումէն

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելիի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ մէջ նահատակ կրնան համարուիլ միայն իսլամները, խստօրէն զայրացուցած է թրքական բանակին մէջ անցեալ տարուան Ապրիլ 24ին սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճիի ծնողքը:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Սեւակին մայրը նշած է, որ իր որդին սպաննուած է Թուրքիոյ համար [...]

March 28th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Շուշիի Ազատագրման Նուիրուած Զօրահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ

Շուշիի Ազատագրման Նուիրուած Զօրահանդէս Ստեփանակերտի Մէջ

ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Մայիս 9ին տեղի պիտի ունենայ զօրահանդէս մը՝ նուիրուած Շուշի քաղաքի ազատագրման եւ պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման 20րդ տարեդարձին:
«Պաշտպանութեան բանակի ուժերի ներգրաւմամբ անցկացուելու է հզօր զօրահանդէս: Այն գերազանցելու է նախորդ երեք շքերթների հնարաւորութիւններին եւ միջոցներին: Ներկայացուելու են տարբեր զինատեսակներ եւ զրահա-թեխնիքա», յայտնած է ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինի պետ [...]

March 27th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Շըրմըն Ջաւախքի Հայութեան Յաւելեալ Օժանդակութիւն Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ

Շըրմըն Ջաւախքի Հայութեան Յաւելեալ Օժանդակութիւն Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2013 տարեշրջանի պետական ամավարկը քննող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին ընթացքին, քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն շեշտած է æաւախքի հայութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը:
Շըրմըն Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) վարիչ Ռաճիւ Շահի զեկոյցին ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձուցած է æաւախքի հայութեան յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու հարցը՝ [...]

March 27th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Մինսկի Խմբակի Կարելիութիւնները Չեն Սպառած

Մինսկի Խմբակի Կարելիութիւնները Չեն Սպառած

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ներկայ ձեւաչափին կարելիութիւնները չեն սպառած. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ, որ նաեւ պաշտպանած է համանախագահներու ներկայ կազմը անփոփոխ պահելու գաղափարը:
«Եռեակը (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա) կառուցողական աշխատանք կը կատարէ: Վերջերս տեղի ունեցած շարք մը իրերայաջորդ հանդիպումներուն կողքին, աճած է նաեւ փաստաթուղթերու թիւը՝ համաձայնեցուած տարբեր [...]

March 27th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պահչելի Դէմ Կ՛արտայայտուի Տինքը Նահատակ Հռչակելու Առաջարկին

Պահչելի Դէմ Կ՛արտայայտուի Տինքը Նահատակ Հռչակելու Առաջարկին

ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Երեքշաբթի, Մարտ 27ին, դէմ արտայայտուած է Հրանդ Տինքը նահատակ հռչակելու մասին վերջերս կատարուած առաջարկին:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ ընտանեկան հարցերու եւ ընկերային քաղաքականութեան հարցերով նախարար Ֆաթմա Շահինի կողմէ քանի մը օր առաջ կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Հրանդ Տինք եւս կրնայ նահատակ հռչակուիլ Թուրքիոյ մէջ՝ Պահչելի ըսած է. «Ի՞նչ իրաւասութեամբ [...]

March 27th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ցեղասպանութեան Հարցէն «Յոգնած» Էրտողան Արցախի Հարցին Լուծումը Արագացնելու Կոչ Կ՛ընէ Օպամային

Ցեղասպանութեան Հարցէն «Յոգնած» Էրտողան Արցախի Հարցին Լուծումը Արագացնելու Կոչ Կ՛ընէ Օպամային

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հարաւային Քորէայի մէջ կայացող հիւլէական ուժանիւթի հարցերուն նուիրուած միջազգային ժողովի մը առիթով Սէուլ գտնուող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ Կիրակի, Մարտ 25ին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկման նիւթերէն մէկը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ թրքական մամուլին, անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան՝ Էրտողան նշած է, որ [...]

March 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի Նուիրուած Յուշամատեաններ Կը Հրատարակէ
ԱՆԹԻԼԻՍ.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն մասին կատարուած հրատարակութիւնները լայն տեղեկութիւններ կը պարունակեն անոնց պատմութեան, հայ կեանքին ու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Անոնք անբաժան մասը կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութեան եւ, հետեւաբար, կարեւոր աղբիւր կը նկատուին հայոց ժամանակակից պատմութեան համար:
Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի [...]

March 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Հարցով Պաղըշի Դէմ Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Հարցով Պաղըշի Դէմ Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ցիւրիխի գլխաւոր դատախազութեան դատախազ Քրիսթին Պրաուշվեկ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ դատախազութիւնը հաստատեց, թէ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ խախտած է Զուիցերիոյ օրէնսգիրքի 261րդ յօդուածի պայմանները, սակայն անոր դէմ դատ բանալու հարցը պիտի որոշէ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Եթէ յստակացուի, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու մասին Պաղըշի յայտարարութիւնը դէմ է օրէնքի [...]

March 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀՅ Դաշնակցութեան Երիտասարդական Համահայկական Խորհրդաժողովը Կ՛աւարտի

ՀՅ Դաշնակցութեան Երիտասարդական Համահայկական Խորհրդաժողովը Կ՛աւարտի

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ 22-24 Մարտին ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու վարչութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական խորհրդաժողով:
Խորհրդաժողովին մասնակցեցան տասներկու երկիրներէ Երեւան ժամանած ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու բարձրագոյն մարմիններու 25 ներկայացուցիչներ:
Խորհրդաժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Եռաբլուրի մէջ, ուր մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղեցին իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրած ազատամարտիկներու [...]

March 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »