Home » ՄիջազգայինYou are browsing entries filed in “Միջազգային”
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Սեզկին Թանրըքուլու, Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան կապակցութեամբ խորհրդարանին յղեց հարցագիր մը՝ պահանջելով, որ այդ հարցագիրին պատասխանէ արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկինը։ Հարցագիրին մէջ Թանրըքուլու նախ կը պնդէ, որ ոճրագործը ոստիկանական կարգ մը շրջանակներու կողմէ դիմաւորուեցաւ որպէս հերոս ու այդ ոստիկանները չպատժուեցան։ Ապա ան կը յիշեցնէ, [...]
May 24th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հալէպի մէջ 13 լիբանանցի առեւանգեալները «քանի մը ժամէն ազատ արձակելու» խոստումները չիրականացան Հինգշաբթի, Մայիս 24ին, մինչ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ առեւանգուողները «ողջ եւ առողջ են» եւ կ՛ակնկալուի, թէ մօտիկ ապագային ազատ արձակուին: Նաեւ, Դամասկոսի իշխանութեանց դէմ պայքարող Սուրիական ազատ բանակէն գնդ. Խալետ Համուտ լիբանանեան «Օ.Թի.Վի.» կայանին յայտնեց, որ ինք [...]
May 24th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բրիտանացի յայտնի դերասան Սաշա Պարոն Քոընի նորագոյն ֆիլմը՝ «Տիքթէյթըր»ը, որ երեւակայական ու քարիւղով հարուստ երկիրի մը մենատէրի մասին է, պիտի չցուցադրուի Ատրպէյճանի մէջ, որուն նախագահը մենատիրութեամբ կ՛ամբաստանուի: Ֆիլմի ցուցադրութիւնը արգիլուած է նաեւ Տաճիկիստանի եւ Պելոռուսի մէջ:
May 24th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ խորհրդարանի անկախ պատգամաւոր Լէյլա Զանա Հինգշաբթի, Մայիս 24ին դարձեալ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ այս անգամ 10 տարիով, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու յանցանքով: Նկատի ունենալով, որ ան երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւն ունի, վճիռը ի զօրու պիտի դառնայ միայն 2015ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք: Թուրքիոյ քիւրտերու ազգային, մշակութային, քաղաքական իրաւունքները ապահովելու համար Չանայի ելոյթներուն պատճառով, [...]
May 24th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան օժանդակելու յանցանքով՝ պնդելով, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտ անջատողականներու մեծաթիւ ներկայութիւն նշմարած է: Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ այս քայլը վտանգաւոր է եւ շրջանի ապահովութիւնը կը վտանգէ՝ աւելցնելով, որ սուրիական վարչակարգը իր այս քայլով կ՛ուզէ Թուրքիայէն վրէժ լուծել, [...]
May 24th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Մայիս 24ին աւարտած են Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած Իրանի հիւլէական ուժանիւթի ծրագիրին նուիրուած բանակցութիւնները՝ առանց յատկանշական յառաջդիմութիւն ապահովելու: Կողմերը որոշած են բանակցութիւնները շարունակել Մոսկուայի մէջ, Յունիս 18-19ին:
- Փաքիստանցի 48ամեայ բժիշկ Շաքիլ Աֆրիտի 33 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ փաքիստանեան ատեանի մը կողմէ, «Քայիտա»ի ղեկավար Օսամա պըն Լատենը բացայայտելու նպատակով ամերիկացիներու հետ գործակցելուն համար:
- 2020ի Ողիմպիական խաղերը [...]
May 24th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան զինուրներուն միջեւ դարձեալ տեղի ունեցած է զինեալ ընդհարում մը՝ ըստ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան կողմէ Չորեքշաբթի, Մայիս 23ին հաղորդուած տեղեկութեանց: Միջադէպը տեղի ունեցած է Իմիշլիի շրջանին մէջ՝ Իրանի հետ սահմանակից Պայրամթեփէ աւանին մօտերը, ուր զինուոր մը, վիճաբանութեան մը պատճառով, սպաննած է իր զինակիցը, ապա անձնասպան եղած է:
Յատկանշական է, որ [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի խաղաղապահ գործողութեանց հարցերով օգնական Հերուէ Լատսոս, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, թէ գոյութիւն ունի երրորդ կողմ մը կամ կողմեր, որոնք կը ջանան ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու՝ իրենց ծրագիրները իրականացնելու նպատակով: «Գոյութիւն ունի երրորդ կողմ մը, որ կազմուած է [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Իրաքի Ռամատի քաղաքին մէջ, ականի մը պայթումին պատճառով, առնուազն 3 լիբանանցի շիիի ուխտաւորներ սպաննուած են Չորեքշաբթի, Մայիս 23ին: Նոյն օրը, Պաղտատի եւ Քերքուքի մէջ երկու այլ յարձակումներ 5 զոհեր խլած են:
- Սթրազպուրկ հաստատուած Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը, Մայիս 23ին դարձեալ երկու վճիռներ արձակած է Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով անկէ, որ 23,000 եուրոյի վնասուց հատուցում վճարէ [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ու աւելի ուշ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած լիբանանցի շիի ուխտաւորներու առեւանգումին հետեւանքով ստեղծուած լարուածութիւնը զսպելու նպատակով, լիբանանցի ղեկավարներ Չորեքշաբթի, Մայիս 23ին առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերու կոչ ըրին իրենց համակիրներուն՝ միաժամանակ վստահեցնելով, թէ անհրաժեշտ քայլերու դիմուած է՝ առեւանգեալներուն վերադարձը ապահովելու համար: Անոնք նաեւ կոչ ըրին վերաբանալու բոլոր ճամբաները, որպէսզի [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանական լրատու գործակալութեան մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնած է, թէ Երուսաղէմը միացեալ քաղաք պիտի մնայ՝ միաժամանակ զգուշացնելով. «Երուսաղէմի մասնատումը կրնայ կրօնական պատերազմի առաջնորդել»: Նեթանիահու Երուսաղէմի երկու հատուածներու միաւորման եւ Իսրայէլի կցման տարեդարձին առիթով ըսած է. «Պատմութիւնը մեզի սորվեցուց, որ միայն իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ կրօններուն միջեւ խաղաղութիւնը եւ հանդարտութիւնը կը [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ կառուցուելիք ընդծովեայ կազատարին եւ Կիպրոսի հարաւային շրջաններուն մէջ կառուցուելիք կազի արտադրութեան կեդրոնի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով, Թել Աւիւ կը փափաքի մօտաւորապէս 20 հազար զինուորականներ տեղակայել կղզիին մէջ. այս մասին կը հաղորդեն թրքական թերթեր, ըստ որոնց, Իսրայէլի վարչապետ Պենեամին Նեթանիահու խնդրած է Կիպրոսի իշխանութիւններէն, որ օդային եւ ծովային ռազմական խարիսխներ տրամադրեն [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՇԻՔԱԿՕ, «Էյ.Փի.».- ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարեց, որ դաշինքը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու նպատակ չունի: Ռասմուսեն Շիքակոյի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի գերաստիճանին ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Թոյլ տուէք շեշտեմ, որ մենք Սուրիոյ կացութեան նկատմամբ շատ մտահոգ ենք: Կը կարծեմ, որ անոր հետ վարուելու եւ լուծումներ գտնելու լաւագոյն ձեւը՝ ՄԱԿի [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Իրանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ճեւանշիր Ախունտով Մայիս 22ին դարձեալ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ապպաս Արաքճիի հետ քննած է վերջերս երկու երկիրներուն յարաբերութեանց մէջ ծագած լարուածութիւնը: Արաքճի բողոքած է Ատրպէյճանի մէջ «կրօնական արժէքներու հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքին» դէմ: Անցնող շաբաթավերջին, Պաքուի մօտ իրանեան դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած ցոյցի մը ընթացքին, [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Լիբանանցի պետական պաշտօնատարներ հաղորդեցին, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 22ին, Հալէպի Ազազ շրջանին մէջ 13 լիբանանցի շիիներ առեւանգուած են, դէպի Իրաք կատարած իրենց ուխտագնացութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ:
Ըստ «Նաշրա» կայքէջին՝ 13 լիբանանցիներ առեւանգողները կը պահանջեն Սուրիոյ իշխանութիւններէն առեւանգեալները փոխանակել Սուրիոյ բանտերուն մէջ մնացող ընդդիմադիրներու հետ:
Իբրեւ բողոք այս առեւանգումին, քաղաքացիներ շիիներով բնակեցուած շրջաններու մէջ շարք մը ճամբաներ [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու յանձնարարականին հիման վրայ, Վրաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ գտնուող Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրի օգտագործման գծով համաձայնութիւն գոյացած է՝ վերջ տալով ատրպէյճանական կողմին ստեղծած տագնապին:
Կողմերը համաձայնած են, որ ատրպէյճանցի սահմանապահները պիտի վերադառնան Մայիս 6ի իրենց դիրքերուն ու վրացի եւ օտար զբօսաշրջիկներուն պիտի արտօնեն մուտք գործել վանական համալիրի այն [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՇԻՔԱԿՕ, «Էյ.Փի.».- Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Երկուշաբթի, Մայիս 21ին հաստատեց, թէ Ֆրանսա վճռակամ է եւ իր մարտական ուժերը այս տարի Աֆղանիստանէն պիտի հեռացնէ, միաժամանակ, ՆԱԹՕի անդամ իր դաշնակիցներուն հետ համաձայնութիւն մը գոյացուց, որ 2013ի ընթացքին Ֆրանսա միայն աֆղան ոստիկանական ուժերը մարզելու նպատակին համար ուժեր պիտի տրամադրէ:
Հոլանտ իր պաշտօնակիցներուն հետ հանդիպումներէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, թէ այս [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
23 Մայիսին՝ ժամը 11ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանհիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աջակցութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամերիկեան Կարմիր Խաչի հիմնադիր Քլարա Պարթոնի յիշատակին նուիրուած հանդիսաւոր հանդիսութիւններ: Այս առիթով խօսք պիտի առնեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնը, Քլարա Պարթոնի տուն-թանգարանը ներկայացնող պատմաբան [...]
May 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- ՆԱԹՕի գերաստիճանի ծիրէն ներս, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի նախաձեռնութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ. ընթացքին Կիւլ Ֆրանսուա Հոլանտէն խնդրած է «նոր էջ բանալ» երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Ըստ Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին, Հոլանտ պատրաստակամութիւն յայտնած է «սխալ ըմբռնումներով ժամանակ կորսնցնելու փոխարէն՝ յարաբերութիւնները հասցնելու նախկին մակարդակին», աւելցնելով, թէ [...]
May 21st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ մէջ Կիրակի եւ Երկուշաբթի, Մայիս 20-21ին տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին քննադատուած է Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը: Ցոյցերուն միացած են նաեւ արաբ երիտասարդներ՝ դատապարտելով Սուրիոյ ներքին տագնապին միջամուխ ըլլալու Անգարայի փորձերը:
Այս ցոյցերուն զուգահեռ, Հալէպի համալսարանի ուսանողները բազմահազարանոց հանրահաւաք մը կազմակերպած են՝ աջակցելով նախագահ Պաշշար Ասատի [...]
May 21st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Սալամնիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հարաւային Իրաքի Պասրա քաղաքի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ Կիրակի, Մայիս 20ին տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները Թուրքիոյ դրօշակը այրած են: Ցոյցին մասնակիցները իրենց վրդովմունքը յայտնած են թրքական կառավարութեան դէմ, որ ապաստան կու տայ շիիներու դէմ ահաբեկչութիւններ կազմակերպելու յանցանքով ամբաստանուած Իրաքի սիւննի նախկին փոխնախագահ Թարիք [...]
May 21st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Ատրպէյճանի Թառթառ շրջանին մէջ Մայիս 21ին տեղի ունեցած փոխադրակառքերու արկածի մը հետեւանքով մահացած են երեք անձեր, որոնցմէ երկուքը սպաներ էին, այս տարուան ընթացքին ատրպէյճանական բանակին կրած մարդկային կորուստներուն թիւը հասցնելով 30ի:
May 21st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Մայիս 21ի կանուխ ժամերուն, արեւմտեան Պէյրութի մէջ «Մուսթաքպալ» հոսանքէն եւ Արաբական հոսանքի կուսակցութենէն զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած զինեալ բախումները պատճառեցին 2 զոհ եւ 18 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ: Բանակին միջամտութեամբ կարելի եղած է կացութիւնը զսպել:
Բախումները մաս կը կազմէին Կիրակի օր սկսած լարուածութեան, որ հետեւանք էր հիւսիսային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած շէյխ [...]
May 21st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական ընդդիմութեան «Հանրային պալատ» միաւորման քանի մը հարիւր գործիչներ, Երկուշաբթի, Մայիս 21ին Պաքուի կեդրոնը բողոքի ցոյց մը կատարած են՝ պահանջելով վերջ տալ զեղծարարութեանց եւ նախագահին հրաժարումը: Ոստիկանութիւնը մահակներով յարձակած է ցոյցի մասնակիցներուն վրայ՝ ձերբակալելով Ժողովրդական ճակատ եւ այլ կուսակցութիւններու ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու տասնեակներով գործիչներ: Նման ցոյցեր նեղ կացութեան կը մատնեն Պաքուի իշխանութիւնները, որովհետեւ [...]
May 21st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Իտալիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ Կիրակի, Մայիս 20ին տեղի ունեցած երկրաշարժ մը, որուն ուժգնութիւնը 6 էր Ռիխթըրի աստիճանաչափով, առնուազն 7 զոհ խլած է եւ պատճառած է առնուազն 50 վիրաւոր: Բազմաթիւ շէնքերու կողքին, շրջանին մէջ գտնուող պատմական կառոյցներ, ներառեալ՝ եկեղեցիներ, աշտարակներ եւ 14րդ դարու դղեակ մը վնասուած են:
May 21st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի փոխվարչապետ եւ գաղթականական հարցերով պետական յատուկ յանձնախումբի նախագահ Ալի Հասանով Ուրբաթ, Մայիս 18ին յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ եւ Իրանի դեսպանները չեն մասնակցած հակահայ «Լաչին» ֆիլմի շնորհահանդէսին, որ նուիրուած էր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն կողմէ Հայաստանի հետ Լաչինի միջանցքի բացման 20 ամեակին:
May 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական լրատու գործակալութիւնները Հինգշաբթի, Մայիս 17ին իրենց անհանգստութիւնը յայտնած են Ֆրանսայի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիուսի նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի օրերուն, վարչապետի պաշտօն վարած Ֆապիւս ընդդիմացած է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին:
Նոր կառավարութիւնը Ֆրանսայի պատմութեան մէջ առաջինն է, որուն մէջ հաւասար թիւով (17) տղամարդ եւ կին նախարարներ կան:
Յատկանշական [...]
May 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Հինգ ամերիկացի ծերակուտականներ նամակ յղած են Ատրպէյճանի նախագահին՝ կոչ ընելով անոր, որ ազատ արձակէ բանտարկութեան դատապարտուած մարդկային իրաւանց գործիչ Պախթիար Հաճիեւը, աւելի քան տարի մը առաջ տեղի ունեցած անոր ձերբակալութիւնը նկատելով ազատ արտայայտուելու եւ հաւաքներ կազմակերպելու իրաւունքներու ոտնակոխում:
- Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը Մայիս 17ին հաղորդեց, որ Թուրքիա Իսրայէլը ամբաստանած է Կիպրոսի թրքական հատուածի օդային տարածքը [...]
May 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա «անընդունելի» որակած է Մայիս 12-13ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովի մը ընթացքին ուղղակիօaրէն Ռուսիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ռուս քաղաքացիներուն ապահովութեան սպառնացող յայտարարութիւնը՝ ազդարարելով, որ նման արարքներ վնաս պիտի հասցնեն Ռուսիա-Թուրքիա կապերուն:
Ուրբաթ, Մայիս 18ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, թէ Կովկասի նուիրուած միջազգային գիտաժողովին [...]
May 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Անպա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտերկիր գտնուող քաթարեան ընդդիմութիւնը հրաժարելու կոչ ուղղած է Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Թանիին՝ անոր վարած քաղաքականութիւնը «ամօթալի» նկատելով:
Գանատա հաստատուած ընդդիմութիւնը Քաթարի իշխող Թանի ընտանիքէն եւ քաթարցի մեծ ընտանիքներէ 65 անհատներու ստորագրութիւնը կրող հաղորդագրութեան մէջ թուած է շէյխ Համատի կառավարութեան կողմէ Քաթարի ժողովուրդը ճնշող վարմունքները եւ ոտնձգութիւնները, ինչպէս [...]
May 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Արդէն իսկ միացեալ ճակատ ներկայացնելու հարցով դժուարութիւններ դիմագրաւող Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմացող կողմերը Հինգշաբթի, Մայիս 17ին նոր հարուած մը ստացան, երբ Սուրիոյ ազգային խորհուրդին մէջ կարեւոր խմբակ մը հանդիսացող «Տեղական համակարգումի յանձնախումբեր»ը սպառնաց անջատուիլ խորհուրդէն՝ դժուարացնելով ընդդիմութեան նեցուկ կանգնելու Արեւմուտքի եւ Ծոցի արաբական կարգ մը երկիրներու ջանքերը:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի [...]
May 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Շըրնաք գաւառի մասնաճիւղի փոխատենապետ Ալի Քըլընճ, Մայիս 17ին սպաննուած է անյայտ զինեալներու կողմէ:
- Մայիս 17ին, թուրք զինուորներ Տէօրթեոլ գաւառի լեռնային շրջաններուն մէջ ընդհարում մը ունեցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներուն հետ. ընթացքին երեք թուրք զինուորներ սպաննուած են:
- Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, 2011ի նորածիններուն թիւին մէջ [...]
May 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Մայիս 17ին, Ատրպէյճանի մօտ Իրանի դեսպանատան առջեւ դարձեալ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները բողոքած են Իրանի մէջ վերջերս ծաւալած հակա-ատրպէյճանական արշաւին դէմ, ինչպէս նաեւ դատապարտած են «իրանցիներու կողմէ հայերուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը»:
Ցոյցը կազմակերպողներու շարքին եղած է Հարաւային Ատրպէյճանի անկախութեան կուսակցութիւնը, որ կը պայքարի Իրանի սահմաններէն ներս գտնուող նշեալ [...]
May 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մայիս 16ին, ռուսական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քննադատեց արեւմտեան երկիրները, որոնք շարունակաբար կը քննադատեն սուրիական ապահովական ուժերուն արարքները, սակայն չեն դատապարտէր խաղաղ բնակչութեան վրայ զինեալ ընդդիմութեան գործած բռնարարքները: Ան աւելցուց, թէ արտաքին ուժերու աջակցութիւնը վայելող սուրիացիներ եւ օտար վարձկաններ պատասխանատու են երկիրը քաոսային վիճակի մատնելու միտող [...]
May 16th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երեքշաբթի, Մայիս 15ին կայացած երդման արարողութենէն ետք, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակ արձանագրած Ֆրանսուա Հոլանտ ստանձնեց երկիրին ղեկը՝ դառնալով երկիրի հինգերորդ հանրապետութեան 7րդ նախագահը: Ան յայտարարեց, որ կը գիտակցի, թէ երկիրին առջեւ ծառացած են լուրջ խնդիրներ, որոնց շարքին՝ ամավարկի բացը ու տնտեսական դանդաղ աճը:
Հոլանտ աւելի ուշ վարչապետ նշանակեց Ժան Մարք Այրոնը եւ ապա [...]
May 16th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Եու.Փի.Այ.».- Լիբանանեան բանակին միջամտութեան շնորհիւ հաստատուած միօրեայ համեմատական խաղաղութենէն ետք, Չորեքշաբթի, Մայիս 16ին Թրիփոլիի մէջ վերսկսան զինեալ բախումներ, որոնց հետեւանքով վիրաւորուեցան երկու զինուորներ, տասը զինեալներ ու քաղաքայիններ: Թրիփոլիի բախումները ցարդ առնուազն 8 զոհ խլած են եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ պատճառած:
May 16th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով, Միացեալ Նահանգները կը ծրագրէ երկու երկիրներէն պաշտօնատարներու միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել: Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Ուաշինկթըն նախ կ՛ուզէ կազմակերպել երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու միջեւ հանդիպում մը: Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութիւնը սկսած էր Կազա մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող նաւուն վրայ իսրայէլացի զինուորներու կողմէ 9 թուրքերու սպանութեան պատճառով: Թուրքիա կը [...]
May 16th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Մայիս 15ին, հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ զգուշաւոր խաղաղութիւն հաստատուած է, մինչ լիբանանեան բանակը սկսած է տեղակայուելու քաղաքի սիւննի եւ շիի շրջաններուն միջեւ:
Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Թրիփոլիի միջադէպերը ուղղակիօրէն կապուած են սուրիական ներքին իրադարձութիւններուն հետ, մինչ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ հիւսիսի մէջ բանակին առաքելութիւնը կը վայելէ [...]
May 15th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Ղազախի շրջանին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, Երեքշաբթի, Մայիս 15ին զինուոր մը գնդակահարած է իր ծառայակիցը, որմէ ետք անձնասպան եղած է: Նոյն օրը, Ատրպէյճանի լրագրողներու ռազմական հետազօտութիւններու «Տոքթրինա» կեդրոնը հաղորդեց, թէ այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ արձանագրուած է 28 զոհ:
May 15th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մայիս 15ին հաղորդուեցաւ, թէ Մայիս 6ին Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքներուն հիման վրայ՝ համախոհական նոր կառավարութիւն մը կազմելու վերջին փորձը ձախողած է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նոր ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան Յունիսին: Ընտրութեան ընթացքին անակնկալօրէն երկրորդ դիրքը գրաւած ձախակողմեան «Սիրիզա» կուսակցութիւնը կ՛ընդդիմանայ միջազգային վարկատուներու հետ գործակցութիւնը շարունակելու ընտրանքին:
Միւս կողմէ՝ եուրօ դրամանիշը գործածող [...]
May 15th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թեքսասէն երգչուհի Սառա Հիքմըն մերժած է Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրոտեսիլ 2012»ին մասնակցելու հրաւէրը, Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու շարունակուող ոտնահարումներուն պատճառով:
Ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը խոստացած էր հոգալ երգչուհիին ճանապարհորդութեան բոլոր ծախսերը, սակայն երբ երգչուհին Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց սարսափելի վիճակին մասին տեղեկութիւններ ստացած է Միջազգային ներում [...]
May 15th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Մայիս 15ին, մինչ Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիրները կը հաղորդէին, թէ երկիրին քանի մը շրջաններուն մէջ զինեալ բախումներ տասնեակներով զոհեր խլած են, Արաբական լիկան կը յայտարարէր, որ Գահիրէի մէջ Մայիս 16-17ին նախատեսուած սուրիական ընդդիմութեան ժողովը անորոշ թուականով յետաձգուած է՝ ընդդիմութեան խնդրանքով:
Նաեւ, Սուրիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց, թէ Մայիս 7ի խորհրդարանական ընտրութեանց մասնակցութեան համեմատութիւնը 51.26 [...]
May 15th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թեհրանի մէջ Մայիս 15ին կախաղան հանուած է 24ամեայ իրանցի քաղաքացի մը, որ խոստովանած էր, թէ Իսրայէլի գործակալ մըն էր ու մասնակցած էր 2010ին հիւլէական մարզէն ներս իրանցի գիտնական մը սպաննելու գործողութեան, որ տեղի ունեցած էր Թեհրանի կեդրոնը: Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Իրանի մէջ սպաննուած են հիւլէական բնագաւառէն իրանցի առնուազն հինգ գիտնականներ:
May 15th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վանի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տակաւին կ՛օգտագործուի իբրեւ զբօսաշրջիկներ գրաւելու միջոց: Թրքական «Զաման» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ երկրին իշխանութիւնները յայտարարած են, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ շրջակայքը պիտի բարեկարգուի:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պիտի ստեղծուին հանգիստի, զբօսնելու եւ կանաչ գօտիներ: Նախագիծի [...]
May 14th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, իսկ այժմ Հունգարիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Վիլայէթ Կուլիեւ, Թուրք-Հունգար գործարարներու միութեան կողմէ կազմակերպուած համագումարի մը ընթացքին ըսած է, որ Ատրպէյճան «բաւական ուժեղ է՝ ազատագրելու իր հողամասերը», բայց Ռուսիոյ հետ ստորագրուած համաձայնութիւնները արգելք կը հանդիսանան այդ նպատակին հասնելու զինուորական գործողութեանց առջեւ:
«Այդ համաձայնագիրին համաձայն, եթէ մենք Հայաստանի դէմ պատերազմ հռչակենք, [...]
May 14th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու «Հանրային պալատ» միաւորումը կը ծրագրէ Պաքուի մէջ Մայիս 22-26ին կայանալիք «Եւրոտեսիլ 2012» երաժշտական մրցոյթի օրերուն բողոքի ցոյցեր իրականացնել Պաքուի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, եթէ մինչ այդ իշխանութիւնները ազատ չարձակեն եօթը քաղաքական բանտարկեալներ:
Ատրպէյճանի Ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան նախագահ Հասան Քերիմով, ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, թէ համաձայնութիւն գոյացած է տեղացի եւ արտասահմանցի [...]
May 14th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանեան լրատուամիջոցներ Երկուշաբթի, Մայիս 14ին կը հաղորդեն, թէ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ի, ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու համար Իրանի մէջ դատապարտուած 13 գործակալներ Ատրպէյճանի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած են իսրայէլացի գործակալներու հետ:
Աւելի կանուխ «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդուած էր, թէ «Մոսատ»ի գործակալները անարգել գործունէութիւն կը մշակեն Ատրպէյճանի տարածքին, եւ այդ պատճառով, քանի մը օր [...]
May 14th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Էյ.Փի.».- Շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ սկսած զինեալ բախումները Երկուշաբթի, Մայիս 14ին շարունակուեցան՝ ցարդ սպաննուածներուն թիւը հասցնելով 5ի: Արձանագրուած են նաեւ տասնեակներով վիրաւորներ: Բախումները սկսան, երբ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ ձերբակալուեցաւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը հետ գործակցելու յանցանքով ամբաստանուած ծայրայեղ իսլամական մը: Այս դէպքին իբրեւ հետեւանք, ծայրայեղ իսլամականներ Թրիփոլիի «Նուր» հրապարակին վրայ կազմակերպեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին [...]
May 14th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Մայիս 14ին, Դամասկոսէն 110 մղոն հիւսիս գտնուող Ռասթան քաղաքին մէջ, Սուaրիոյ իշխանութեանց դէմ զէնք բարձրացուցած զինեալներ սպաննեցին առնուազն 23 զինուորներ՝ միաժամանակ հաղորդելով, թէ բանակայիններ 9 հոգի սպաննած են քաղաքին մէջ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմացող Սուրիոյ ազգային խորհուրդը Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ պիտի չմասնակցի Արաբական լիկայի կողմէ Մայիս 16-17ին կայանալիք այն հաւաքին, որուն [...]
May 14th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Տաղստանի մէջ Մայիս 14ին տեղի ունեցած զինեալ գործողութիւններու ընթացքին, Ռուսիոյ ապահովական ուժերը սպաննած են թուրք ահաբեկիչ մը, որ ըստ Ռուսիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գրասենեակին՝ աւելի քան 5 տարիներէ ի վեր կը ղեկավարէր Տաղստանի մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորում մը:
- Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ անցնող շաբաթավերջին, Իրանի միջնորդութեան շնորհիւ, Սուրիա ազատ արձակած է երկու [...]
May 14th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ չի փափաքիր միջամուխ ըլլալ Թուրքիա ապաստանած Իրաքի փոխնախագահ Թարիք Հաշիմիի հարցով ծագած Իրաք-Թուրքիա լարուածութեան:
Միջազգային ոստիկանութեան կողմէ հետապնդուող փոխնախագահի հարցով հարցումի մը պատասխանելով՝ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլանտ յայտարարեց, որ Հաշիմիի հետ կապուած խնդիրը՝ «Իրաքի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն կողմէ լուծուելիք հարց է»:
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին [...]
May 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայիս 7ին, Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով, հազարաւոր գիւղացիներ անտուն մնացած են, մինչ կառավարութիւնը կը շարունակէ ժողովուրդէն գաղտնի պահել երկրաշարժի իսկական հետեւանքները՝ պնդելով, թէ ընդամէնը քանի մը տուներ վնասուած են եւ 18 հոգի վիրաւորուած: Սակայն, ատրպէյճանական անկախ լրատուամիջոցներ կը յայտնեն, որ երկրաշարժին հետեւանքով առնուազն 5 հոգի մահացած է եւ վիրաւորուած 36 ուրիշներ, [...]
May 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՂԻՄՊԻԱ, Յունաստան, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մայիս 10ին, Ողիմպիական խաղերու ծննդավայրը նկատուող Յունաստանի Ողիմպիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին, Լոնտոնի մէջ կայանալիք այս տարուան Ողիմպիական խաղերու ջահը վառեցաւ:
Ըստ աւանդութեան՝ ջահը վառեցաւ արեւու ճառագայթներով:
Ողիմպիականի ջահը, անցնելէ ետք յունական կարգ մը քաղաքներէ, պիտի փոխանցուի Լոնտոնի խաղերու կազմակերպիչներուն, ապա 70օրեայ ու աւելի քան 8000 մղոն պտոյտէ մը [...]
May 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Ասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտըն, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ «ՆԱԹՕ. Շիքակօ եւ այլք» նիւթով զեկոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Մայիս 20ին սկսող եւ Շիքակոյի մէջ կայանալիք ՆԱԹՕի գերաստիճանին՝ Իսրայէլի մասնակցութեան դէմ Թուրքիոյ օգտագործած վեթօն «սխալ մօտեցում» էր: «Իբրեւ ՆԱԹՕի կարեւոր գործընկեր, Միացեալ Նահանգներու կարեւոր [...]
May 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ լարուածութիւնը կը շարունակուի եւ Պաքու մտահոգ է, որ «Եւրոտեսիլ»ի շեմին, Թեհրան կրնայ Ատրպէյճանին նոր գլխացաւեր պատճառել, եւ այդ պատճառով ալ կը դիմէ կացութիւնը զսպելու քայլերու:
Այս ծիրէն ներս, Մայիսի 8ին, Թեհրան այցելած Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով հանդիպում մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հետ: [...]
May 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ատրպէյճանի բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ, 18ամեայ զինուոր մը Մայիս 10ին իր ծառայողական զէնքով փախուստ տուած է զօրամասէն: Ենթական պարտադիր զինուորական ծառայութեան կանչուած էր այս տարուան Յունուարին:
May 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն մասին գրելով՝ նշած է, թէ Անգարայի համար Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութեան միակ դրական կողմը այն է, որ նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նման բացայայտօրէն դէմ չէ Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու գաղափարին: Սակայն, ան անմիջապէս կը զգուշացնէ, որ Թուրքիա պէտք [...]
May 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային ոստիկանական «Ինթըրփոլ» կազմակերպութեան կողմէ հետապնդուող եւ Թուրքիա ապաստանած Իրաքի փոխնախագահ Թարիք Հաշիմին Իրաքի իշխանութեանց յանձնելու դիմաց, Թուրքիա կը պահանջէ Պաղտատէն, որ Անգարայի յանձնէ հիւսիսային Իրաք գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինուած թեւի առաջնորդ Մուրատ Քարայըլանը: Այս տեղեկութիւնը Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին փոխանցած է իր ինքութիւնը բացայայտել չուզող թուրք պաշտօնատար մը:
May 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի քարիւղի ազգային ընկերութիւնը Կասպից ծովուն մէջ նոր եւ հսկայ հանքավայր մը յայտնաբերած է. այս մասին Հինգշաբթի, Մայիս 10ին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատուական գործակալութիւնը: Աւելի կանուխ, Իրան յայտարարած էր, որ Կասպից ծովուն մէջ բնական կազի նոր հանք յայտնաբերած է: Կասպից ծովը եզերող հինգ երկիրներուն՝ Իրանի, Ռուսիոյ, Թիւրքմենիստանի, Ղազախստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն [...]
May 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Մայիս 10ին, Ինտոնեզիոյ իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ գտած են մէկ օր առաջ անհետացած ռուսական ճամբորդական օդանաւ մը եւ քանի մը զոհերու դիակներ: Օդանաւին մէջ կային հինգ երկիրներէ 45 քաղաքացիներ: Օդանաւին բեկորները յայտնաբերուած են Սալակ լերան վրայ, որուն լանջին զարնուած էր օդանաւը: Օդանաւի անձնակազմին անդամները եւ բոլոր ճամբորները մահացած են եւ այժմ աշխատանքներ կը տարուին սեւ [...]
May 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Մայիս 10ին, զոյգ պայթումներ հարուածեցին Դամասկոսը՝ պատճառելով 55 զոհեր եւ 372 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայ վնասներ: Անոնք 14 ամիս առաջ սկսած Սուրիոյ տագնապին ընթացքին արձանագրուած ամենաուժգին պայթումները նկատուեցան: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ պայթած ականներուն ուժգնութիւնը աւելի քան 1000 քիլօկրամ էր:
ՄԱԿի դէտերուն վրայ մէկ օր առաջ կատարուած յարձակումին [...]
May 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՏԱՐԱԱ, Սուրիա, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Մայիս 9ին, Սուրիոյ Տարաա քաղաքը այցելող ՄԱԿի միջազգային դէտերը՝ գլխաւորութեամբ ղեկավար-հրամանատար զօր. Ռապըրթ Մութի, ահաբեկչական արարքի մը թիրախ դարձան, երբ ական մը պայթեցաւ անոնց փոխադրակառքերուն մօտ, վիրաւորելով անոնց ընկերացող վեց սուրիացի զինուորներ:
Դէտերու նորվեկիացի ղեկավարը եւ անոր ընկերացող 11 դէտերը ֆիզիքական վնաս չեն կրած: Զօր. Մութ դատապարտեց յարձակումը՝ անգամ մը եւս կոչ [...]
May 9th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս ձերբակալուած 92 լրագրողներ կան:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան՝ Պաղըշ ըսած է, որ արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներով, ձերբակալուած լրագրողները իրականութեան մէջ «սահմանադրական կարգը բռնութեամբ փոխելու փորձ կատարած, զինուած ահաբեկչական խմբաւորման անդամ, ահաբեկչութեան քարոզչութիւն կատարած, Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ զինուած ապստամբութեան փորձ կատարած ու մամուլին [...]
May 9th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Մայիս 8ին հաղորդուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը վերջին երեք տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով աւելի շատ եկամուտ ունեցած է, քան ծախս՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին ապահոված ըլլալով 58 միլիառ տոլարի շահ մը, շնորհիւ եկամուտի տուրքերուն:
- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Մայիս 7ին յայտարարեց, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կարեւոր քայլեր առած է փոքրամասնական վագըֆները (հիմնարկութիւնները) [...]
May 8th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Քրեմլինի մէջ Երկուշաբթի, Մայիս 7ին տեղի ունեցաւ Մարտի նախագահական ընտրութեանց ընթացքին յաղթանակ արձանագրած Վլատիմիր Փութինի երդման արարողութիւնը:
Նախորդ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ նորընտիր նախագահին փոխանցեց նախագահական իշխանութեան խորհրդանիշը:
Երդման արարողութենէն ետք, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Վալերի Զօրքին պաշտօնապէս Ռուսիոյ նախագահ հռչակեց Փութինը:
Փութին աւելի ուշ վարչապետ նշանակեց Մետվետեւը:
Այս մէկը պիտի ըլլայ Փութինի նախագահութեան երրորդ նստա-շրջանը, որ պիտի տեւէ [...]
May 8th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Մայիս 8ին հաղորդուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը վերջին երեք տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով աւելի շատ եկամուտ ունեցած է, քան ծախս՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին ապահոված ըլլալով 58 միլիառ տոլարի շահ մը, շնորհիւ եկամուտի տուրքերուն:
- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Մայիս 7ին յայտարարեց, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կարեւոր քայլեր առած է փոքրամասնական վագըֆները (հիմնարկութիւնները) [...]
May 8th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Պատմական իրականութիւններ ծածկելու նպատակով ու դիւանագիտական հաշիւներով կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք պարզապէս թաւշեայ հանդերձանքներու մէջ պարուրուած սուտեր են, ոչ միայն չեն կրնար ջնջել պատմական իրողութիւնները, այլ նաեւ այդ սուտերուն հետեւանքները դարմանելու աւելի մեծ պարտադրանքի տակ կը դնեն ստախօսը: Սակայն, քաղաքական ուժին արթած ամենակարողութեան զգացումով տարուած քաղաքական գործիչներ, յաճախ չեն մտահոգուիր ձիւնագնդակի մը նման մեծցող իրենց [...]
May 8th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին, պատասխանելով ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն երեսփոխանի մը գրաւոր հարցումներուն՝ տեղեկացուցած է, թէ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդի Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ, պատիժի ենթարկուած են ապահովութեան պատասխանատու շարք մը պաշտօնեաներ, այն հիման վրայ, որ անոնք իրենց պաշտօնի հարկադրանքները չեն գործադրած՝ պատճառ դառնալով Տինքի սպանութեան։
Շահին յայտնեց, թէ այս պատճառով հինգ [...]
May 7th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Մայիս 7ին, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցան մօտաւորապէս երեք ամիս առաջ վաւերացուած նոր սահմանադրութեան հիման վրայ խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները, որոնք առիթը կ՛ընծայեն Սուրիոյ ժողովուրդին ընտրելու բազմակուսակցական խորհրդարան մը:
Կը հաղորդուի, թէ Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ զէնք բարձրացուցած ընդդիմութեան համակիրներով բնակեցուած շրջաններուն մէջ փոքր համեմատութեամբ մասնակցութիւն արձանագրուած է, որովհետեւ ընդդիմութիւնը կոչ ըրած էր ընտրութեանց չմասնակցելու:
May 7th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Յունաստանի ընտրական կեդրոններէն ներս գրեթէ ամբողջութեամբ կատարուած քուէներու հաշուարկումով, Երկուշաբթի, Մայիս 7ին յստակ դարձաւ երկրի մը քաղաքական պատկերը, որ կրնայ առաջնորդել մեծ յեղաշրջումներու: Մէկ միլիոնէ աւելի քուէներ ստացան պահպանողական Նոր Հանրապետութիւն եւ ձախակողմեան ՍԻՐԻԶԱ կուսակցութիւնները, մինչ ընկերվարական ՓԱՍՕՔին ապահոված տուեալները ցոյց տուին, թէ կուսակցութիւնը 1970 թուականէն ետք ամենացած համեմատութեամբ քուէները ստացած է: [...]
May 7th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Մայիս 6ին կայացած Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլի աւարտին, 1988էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով յաղթանակ արձանագրեց Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուն, որ այս պարագային՝ Ֆրանսուա Հոլանտն էր, իշխանութենէն հեռացնելով պահպանողական նախագահ Նիքոլա Սարքոզին:
Քուէներուն 51.7 տոկոսը ապահովելով՝ Հոլանտ, որ քաղաքացիներուն խոստացած էր տնտեսութիւնը զարգացնելու ի նպաստ քաղաքականութիւն որդեգրել, պիտի փորձէ դէմ կանգնիլ Եւրոպային պարտադրուող [...]
May 7th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, Մայիս 7ին, Ատրպէյճանի ժամանակով ժամը 9:40ին, Զաքաթալա քաղաքէն 17 քլմ. հիւսիս արեւմուտք գտնուող տարածքին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժի մը հետեւանքով, Զաքաթալայի մէջ 33 բնակարաններ քանդուեցան եւ առնուազն 18 հոգի վիրաւորուեցաւ: Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Հայաստանի մէջ:
Կը նշուի, որ Զաքաթալայի մէջ մօտաւորապէս 200 շէնքեր մասնակիօրէն վնասուած են, իսկ շրջանի քանի մը գիւղերուն մէջ [...]
May 7th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ մէկ կողմէ Թուրքիոյ մէջ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը եւ բազմաթիւ թուրք յառաջապահ մտաւորականներ հայերու պաշտպան կը կանգնին՝ Հայկական Հարցին կապակցութեամբ ծնունդ առած բանավէճերուն մէջ, միւս կողմէ՝ պետութիւնը շարունակ կը խօսի Թուրքիոյ արխիւներուն մէջ առկայ փաստաթուղթերու մասին, որոնք, ինչպէս կը հասկցուի լռելեայն կերպով՝ կը զօրացնեն Թուրքիոյ պետական պաշտօնական տեսակէտը։ Այս կարգէն նոր յայտարարութիւն մը [...]
May 7th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սապահ» թերթին մէջ, Անգարայէն Ալփեր Սանճարի ստորագրութեամբ հրատարակուած է լուր մը, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ ապահովութեան լրաքաղութեան կազմակերպութիւնը Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակի՝ ԱՍԱԼԱի, կապակցութեամբ կարգ մը զգուշացումներ ըրած է։
Թերթը կը գրէ. «ԱՍԱԼԱ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ 1973-1984 թուականներուն միջեւ 34 թուրք դիւանագէտ ու պաշտօնատար նահատակած էր, դարձեալ գործի լծուած ըլլալ կը թուի։ Այդ [...]
May 7th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- «Թրենսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող կեդրոնի գործադիր տնօրէն Վարուժան Հոկտանեան 3 Մայիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի 34 շրջաններու մէջ ընտրողներուն թիւը կը գերազանցէ բնակչութեանը։
Այս արդիւնքները ձեռք բերուած են կատարուած ուսումնասիրութիւններուն լոյսին տակ։ Արդարեւ, կեդրոնի աշխատակիցները Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալները համեմատած են բնակչութեան թիւին եւ Ոստիկանութեան կողմէ հրապարկուած ընտրացանկերուն [...]
May 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Եահու».- Ուրբաթ, Մայիս 4ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին, անգործութեան համեմատութիւնը 8.2էն 8.1 տոկոսի իջած է, սակայն տնտեսութիւնը կրցած է գոյացնել միայն 115,000 նոր աշխատատեղի, ինչ որ ակնկալուածէն նուազ էր: Համեմատութիւնը նուազած է գլխաւորաբար, որովետեւ աշխատանք փնտռողներուն թիւը պակսած է:
Պետական ծախսերու շարունակուող կրճատումներուն պատճառով, մօտաւորապէս 15,000 պետական պաշտօնեաներ գործէ [...]
May 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Տաղստանի մայրաքաղաքին մէջ, Ուրբաթ, Մայիս 4ին, ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումին հետեւանքով առնուազն 13 զոհ արձանագրուեցաւ: Պայթումները իւրայատուկ պատգամ մը կը նկատուին վարչապետ Վլատիմիր Փութինի, որ Երկուշաբթի օր պաշտօնապէս պիտի վերատիրանայ նախագահի տիտղոսին: 12 տարի առաջ իշխանութեան գլուխ անցած Փութինը խոստացած էր ճզմել հիւսիսային Կովկասի ապստամբութեան փորձերը:
- Միացեալ Նահանգներու 2010ի ընտրութեանց ընթացքին կատարուած նուիրատութիւններուն 72 [...]
May 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու 77 երկիրներէ երիտասարդ դիւանագէտներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին խօսած է թրքական դիւանագիտութեան մասին: Ան դիւանագէտներուն խորհուրդ տուած է աւելի ուշադիր ըլլալ դիւանագիտութեան հոգեբանական եւ մտաւորական կողմերուն՝ նշելով, որ որեւէ խնդիր լուծելու համար, պէտք է կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծուի:
«Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան փիլիսոփայութիւնը հետեւեալն է. մենք թշնամի պետութիւններ [...]
May 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի
Անանի բանբեր Ահմատ Ֆաուզի Ուրբաթ, Մայիս 4ին յայտնեց, որ Անանի խաղաղութեան ծրագիրը կը գործադրուի, սակայն «դանդաղ քայլերով»:
Ան աւելցուց, թէ քուլիսներու ետին բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ իշխանութեանց եւ ընդդիմադրութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ զինադադարի պայմաններու ամբողջական գործադրութիւնը ապահովել:
Միւս կողմէ՝ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ [...]
May 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանան այցելող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման, Չորեքշաբթի, Մայիս 2ին հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պետական պատասխանատուներու եւ հոգեւորականներու հետ: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆելթմանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մօրա Քոնելլիի: Ֆելթման այցելեց նաեւ Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- «Նիուզ.ամ» կայքին վրայ հրատարակուած է տարօրինակ ու արտառոց լուր մը, զոր մասամբ կը հրատարակենք՝ առանց մեկնաբանութեան. «Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին տարածուիլ գրութիւններ եւ յայտարարութիւններ, որոնց մէջ թշնամութիւններ կամ օտարատեացութիւն կայ, յատկապէս՝ քրիստոնեաներու դէմ։ Այսպէս, ֆութպոլի նշանաւոր «Ֆեներպահչէ» ակումբի հակառակորդներու կողմէ ընկերային կայքէջերու վրայ տարածուած է «Ֆեներպահչէ»ի խորհրդանշանին իմաստը «պարզաբանող» գրութիւն մը, ուր ակնյայտ թշնամութիւն [...]
May 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Armenia.Az».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ բողոքած է համացանցային հսկայ «Google» ընկերութեան, որովհետեւ «Google Maps»ի քարտէսներու սպասարկութեան մէջ հայերէնով ներկայացուած են Պաքուի որոշ փողոցներու անունները:
Նախարարութեան ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլաեւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 30ին այս արարքը «հրահրում» որակած է՝ աւելցնելով. «Մենք պարբերաբար դէմ կը դնենք նմանօրինակ հրահրումներու: Կոչ կ՛ընենք մեր քաղաքացիներուն, որ նմանապէս իրենց բողոքը արտայայտեն»:
May 2nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, ռուսական պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ իշխանութիւնը ծայրայեղականներուն ձեռքը անցնելու վտանգէն: Մետվետեւ ըսաւ. «Արաբական աշխարհին մէջ կացութիւնը անկայուն է, եւ այդ շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ ծայրայեղականները կը փորձեն իշխանութեան տիրանալ, սակայն (եթէ իրենց նպատակը իրագործեն) անոնց հետ աշխատիլը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ. [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, Մայիս 1ին ու 2ին, պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին մօտերը ցուցարարներու եւ անոնց վրայ յարձակած խումբ մը խռովարարներու միջեւ բախումները առնուազն 11 զոհ եւ 50է աւելի վիրաւոր խլած են: Քանի մը օր առաջ նախարարութեան առջեւ նստացոյցի մը սկսած ցուցարարները կը պահանջեն բանակի հրամանատարութենէն, որ երկրին իշխանութիւնը յանձնէ քաղաքացիական [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Յունաստանէն Սպանիա, Փորթուկալէն Իտալիա եւ Ֆրանսա, Երեքշաբթի, Մայիս 1ին կայացած Աշխատաւորական միջազգային օրուան առիթով ցոյցերուն ընթացքին, շեշտը դրուեցաւ պետական սպասարկութեանց կրճատումներու անարդարութեան վրայ՝ պահանջելով իշխանութիւններէն, որ աւելի մեծ համեմատութեամբ տուրքեր գանձեն մեծահարուստներէն:
Մինչ քանի մը քաղաքներու մէջ բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ, ցոյցերը ընդհանրապէս խաղաղօրէն աւարտեցան:
Այս առիթով, Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւս տասնեակներով [...]
May 1st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանի նախօրեակին, թեկնածուները սկսած են գործածելու իրենց վերջին խաղաքարտերը: Նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի համար կ՛ըսուի, թէ ան իր ակնարկները ուղղած է դէպի ցեղապաշտ շրջանակները՝ ջանալով անոնց քուէն սիրաշահիլ:
Սարքոզի դարձեալ շատ յստակ կերպով խնդրոյ առարկայ դարձուցած է Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ դարձնելու ջանքերը՝ ըսելով, որ Թուրքիա Եւրոմիութեան անդամակցելու [...]
May 1st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Միացեալ Նահանգներու մէջ սեփական բնակարաններու մէջ ապրողներուն համեմատութիւնը, 15 տարիներու ընթացքին ամենացած մակարդակին իջած է այս տարուան առաջին եռամսեակին ընթացքին՝ հասնելով 65.4 տոկոսի: Տարի մը առաջ այդ համեմատութիւնը 66.4 տոկոս էր, իսկ ամենաբարձր համեմատութիւնը՝ 69.2 տոկոս, արձանագրուած էր 2004ին:
- «Սթենտըր էնտ Փուր» հիմնարկը Մայիս 1ին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ տնտեսութեան դիմագրաւած դժուարութեանց հետեւանքով, որոշած է [...]
May 1st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 27ի երեկոյեան, Թուրքիոյ երեք նախարարութիւններու եւ աւելի քան 20 կազմակերպութիւններու կայքէջեր միջազգային կայքահէններու «Ընոնիմըս» խմբակին կողմէ յարձակումներու ենթարկուած են: Թրքական լրատուամիջոցները յարձակումը կը կապեն անցած Փետրուարին նոյն խմբակին կողմէ կատարուած այն սպառնալիքին, թէ Թուրքիոյ պետական կայքէջեր յարձակումներու թիրախ պիտի դառնան, եթէ Թուրքիա շարունակէ ուրանալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Յարձակումի ենթարկուած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց, ներքին [...]
May 1st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- ՄԱԿի դէտերու հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի, Մայիս 1ին դատապարտեց Սուրիոյ մէջ շարունակուող բռնարարքները, որոնք առնուազն 23 զոհ խլեցին Երեքշաբթի օր: Արդարեւ, Սուրիոյ իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ խումբ մը «ահաբեկիչներ» յարձակած են Տէր Զօրի մէջ գտնուող բանակային դիրքի մը վրայ՝ սպաննելով 12 զինուորներ եւ քաղաքային մը, մինչ ընդդիմադիրները հաղորդեցին, թէ բանակին կողմէ արձակուած հրթիռ մը, բնակարանի մը [...]
May 1st, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Շաբաթ, Ապրիլ 28ին, լիբանանի ծովուժը գրաւեց Լիպիայէն ճամբայ ելած եւ Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ պայքարող ընդդիմութեան զէնք փոխադրող նաւ մը, մինչ սուրիական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ քանի մը փոքր նաւերու վրայ գտնուող զինեալներ յարձակած են Լաթաքիոյ ծովեզերքը հսկող ծովուժի դիրքերուն վրայ, որուն հետեւանքով՝ սպաննուած են «քանի մը զինեալներ եւ զինուորներ»:
Ահաբեկչական յարձակումները Երկուշաբթի օր եւս շարունակուեցան [...]
April 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան Պոսթընի մէջ, «Թաֆց» համալսարանի «Ֆլեչըր» դիւանագիտութեան դպրոցին մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը կրկին պայմանաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրով: Պատասխանելով ուսանողի մը այն հարցումին, թէ ի՞նչ յառաջընթաց կայ Հայ-թրքական արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու հարցով՝ Պապաճան ըսած է. «Մենք արագ կերպով ստորագրեցինք արձանագրութիւնները, սակայն Հայաստան-Ատրպէյճան ճակատէն տակաւին յառաջխաղացք [...]
April 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Իրաքի մէջ շիիներու եւ սիւննիներու միջեւ լարուածութեան աճին զուգահեռ, երկիրի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարած է, որ եթէ մինչեւ Սեպտեմբեր Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան եւ քրտական ինքնավարութեան միջեւ ծագած տարակարծութիւնները չլուծուին, ապա Քիւրտիստանը անկախ պետութիւն կրնայ հռչակել: «Իրաքի վարչակարգը երկիրի ամբողջականութեան սպառնացող մենատիրական վարչակարգ սկսած է ըլլալու: Եթէ Իրաքը մինչեւ Սեպտեմբեր ժողովրդավար [...]
April 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Ֆրանսական «Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց առաջին հանգրուանէն ետք կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ, քուէներու 53-56 առ հարիւրը ստանալով՝ յաղթանակ կրնայ արձանագրել երկրորդ հանգրուանին, պարտութեան մատնելով նախագահ Նիքոլա Սարքոզին:
- Իսրայէլական բանակը սկսած է Լիբանանի սահմանին վրայ պատնէշ կառուցելու՝ նպատակ ունենալով կանխել Լիբանանի կողմէ յարձակումները: Քարաշէն պատնէշի [...]
April 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Թարաֆ» թերթի աշխատակից Սերտար Գայա, Կիրակի, Ապրիլ 29ին հրատարակած է «Համաշխարհային մամուլի մէջ ցեղասպանութիւնը» խորագրեալ յօդուած մը, որուն մէջ ան թարգմանած է 1914-1915 տարիներէն «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի կարգ մը լուրերը, որոնք կը վկայեն Ցեղասպանութեան նախորդող օրերուն փոքրամասնութիւններու դէմ կատարուածներու մասին։ «Ասոնք ճշմարտութիւններ են, որոնք ընդհանուր ճշմարտութիւններուն մէկ մասն են», գրած է յօդուածագիրը։ [...]
April 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք նախարարներ ու անոնց ընկերացող երեսփոխաններ, քաղաքական ու ընկերային գործիչներ Կիրակի, Ապրիլ 29ին այցելեցին Վագըֆ (Վագըֆլը) գիւղը, որ թրքական մամուլին կը ներկայացուի իբրեւ Անատոլուի միակ հայկական գիւղը։ Այցելու խումբին մէջ էին հաղորդակցութեան նախարար Պինալի Եըլտըրըմ, ելեւմտական նախարար Մեհմետ Շիմշեք, արդարադատութեան նախարար Սատուլլահ Էրկին, Հաթայի կուսակալ Ճելալետտին Լեքեսիզ, եւ այլն։ Նախարար Եըլտըրըմ ըսաւ, որ [...]
April 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՀՌՈՄ.- Սուրիոյ քրիստոնէական աղբիւրներ իտալական ԱՔԻ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սուրիոյ ասորիները կը մերժեն Դամասկոսի մէջ գտնուող Ուղղափառ ասորիներու պատրիարքական աթոռը եւ Լիբանանի մէջ գտնուող Կաթողիկէ ասորիներու պատրիարքական աթոռը Թուրքիա վերադարձնելու թրքական կառավարութեան ջանքերը: Անոնք կը նշեն, որ այս կեցուածքը քանի մը պատճառներ ունի:
Առաջինը այն է, որ ասորիները Սուրիան իրենց պատմական հայրենիքը կը նկատեն, իսկ [...]
April 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ թափուր մնացող Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը լեցնելու նպատակով, նախագահ Պարաք Օպամա Ծերակոյտին փոխանցած է, թէ որոշած է դեսպան նշանակել արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Եւրասիոյ ուժանիւթի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Մորնինկսթարը:
Նշանակումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ, որ մերժած էր երկարաձգել նախորդ դեսպան Մեթիու Պրայզայի մէկ տարուան պաշտօնավարութիւնը:
Մորնինկսթար 1999-2001 թուականներուն եղած է Եւրոմիութեան [...]
April 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Ապրիլ 26ին թրքական խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին յայտարարած է, թէ «Նոր Միջին Արեւելքը ծնելու ընթացքին մէջ է», եւ Թուրքիա պիտի ըլլայ այդ գործընթացի առաջնորդը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Տաւութօղլու այս պնդումը կատարած է Սուրիոյ հարցով ելոյթի մը ընթացքին: Նշելով, որ ժողովրդավարացման հարցով Թուրքիան կ՛աջակցի Սուրիոյ ժողովուրդին՝ թուրք [...]
April 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 27ին հաղորդեց, թէ երկիրի տնտեսութեան աճը դանդաղած է այս տարուան առաջին եռամսեակին: Յունուար-Մարտ ամիսներու ընթացքին, տնտեaսական աճը միայն 2.1 տոկոս եղած է՝ բաղդատած նախորդ տարուան վերջին քառորդին արձանագրուած 3 տոկոսի աճին:
Անցեալ տարուան ընդհանուր տնտեսական աճը 1.7 տոկոս եղած է, իսկ տնտեսագէտներ կը յուսան, որ այս տարուան ընդհանուր [...]
April 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հակադարձելով Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյա Էօնտերի այն յայտարարութեան, թէ Ապրիլ 24ը Թուրքիոյ մէջ սուգի օր հռչակելու համար իր կուսակցութիւնը խորհրդարանին դիմում պիտի կատարէ, Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Օքթայ Վուրալ Հինգշաբթի, Ապրիլ 26ին ըսաւ, որ առաջարկին նպատակն է՝ «թուրք ժողովուրդին ճակատին մուր քսել»՝ զայն թուրք ժողովուրդի հասցէին [...]
April 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »