Home » ՄիջազգայինYou are browsing entries filed in “Միջազգային”
ՊԱՂՏԱՏ, «Էյ.Փի.».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի դարձեալ խստօրէն քննադատած է Իրաքի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի քայլերը՝ աւելցնելով, թէ Թուրքիա սկսած է «թշնամի երկիրի մը վերածուելու»: Մալիքի զայրացած է այն իրողութենէն, որ Թուրքիան ապաստանեալի իրաւունք տուած է Իրաքի մէջ հետապնդուող Իրաքի փոխնախագահ Թարեք Հաշիմիին: Էրտողան նաեւ ըսած էր, թէ Իրաքի վարչապետին [...]
April 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաքուի մէջ Կիրակի, Ապրիլ 22ին, ընդդիմութեան կատարած բազմահազար հոգինոց բողոքի հաւաքին մասնակիցները պահանջած են բանտարկել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Ըստ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կողմէ այս ամսուան ընթացքին երկրորդ հաւաքին կարգախօսն էր՝ «Ատրպէյճանի իշխող մենատիրական վարչակարգը դատապարտուած է, որովհետեւ ունակ չէ բարեփոխումներ կատարելու, իսկ հասարակութեան գլխաւոր խնդիրն է՝ իշխանութեան փոփոխութեան գործընթացի արագացումը»:
Հաւաքի [...]
April 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Թուրքիա վեթոյի ենթարկած է ՆԱԹՕի յաջորդ գերաստիճանին Իսրայէլի մասնակցութեան առաջարկը, որովհետեւ Թել Աւիւը տակաւին պաշտօնապէս ներողութիւն չէ խնդրած եւ վնասուց հատուցում չէ տրամադրած «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ 9 թուրքեր սպաննելուն համար. այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու: Գերաստիճանը տեղի պիտի ունենայ Շիքակոյի մէջ, Մայիս 20-21ին: Ամերիկա, Ֆրանսա եւ ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը [...]
April 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ խիստ քննադատութիւններ ուղղեց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին, յատկապէս Սուրիոյ նկատմամբ անոր որդեգրած ռազմաշունչ քաղաքականութեան համար: Տեմիրթաշ թրքերէն բառախաղ մըն ալ ըրաւ «պիր» բառով, ու ըսաւ. «Չեւիք՝ պիր (մէկ), Էրտողան՝ իքի (երկու). երկուքին միջեւ տարբերութիւն չկայ», այսպէս ակնարկելով անցեալ շաբաթ ձերբակալուած Թուրքիոյ սպայակոտի պետի նախկին [...]
April 20th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարք Թոնըր Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին յայտարարեց, թէ Ամերիկա եւ Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնաժողովներուն միջոցաւ կը քննեն տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:
Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց, Ուաշինկթըն կը գտնուի Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարար Արիֆ Շարիֆովի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որ կը քննէ Ամերիկայի հետ համագործակցութեան հեռանկարները: Կը նշուի, թէ հանդիպումներու ընթացքին կը քննուին [...]
April 20th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Ապրիլ 20ին, մինչ Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմացող աղբիւրներ կը հաղորդէին, թէ նոյն օրը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին ոստիկաններ կրակ բացած են, Սուրիոյ իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ երկիրի հարաւային շրջաններուն մէջ «ահաբեկիչներու» կողմէ լարուած ականի մը պայթումին զոհ գացած են 10 զինուորներ: Այս դէպքերը տեղի կ՛ունենան, մինչ 250էն 300ի միջեւ ՄԱԿի դէտեր Սուրիոյ [...]
April 20th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Թուրքիոյ մէջ զգալիօրէն նուազած են Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն կողմէ կատարուող ներդրումները: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, այդ ներդրումները կրճատուած են մօտաւորապէս 250 միլիոն տոլարով՝ ըստ թրքական «Միլլիյէ»չ թերթին: Մեծագոյն նուազումը Ֆրանսայէն ներդրումներու պարագան է, արդարեւ, անոնք նախորդ տարուն 193 միլիոն տոլարին փոխարէն՝ իջած են 8 միլիոն տոլարի: Գերմանիայէն ներդրումները 120 միլիոնէն իջած են 72 [...]
April 20th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իրենց չվերաբերող գործերուն խառնուող, ուրիշներու ծրագիրներուն «գիտոսիկ»ի ուղղութիւն տուող մարդոց թիւը այնքան շատ է, որ իմաստունին ու յիմարին, գիտցողին ու չգիտցողին միջեւ ընտրութիւն կատարելը, ալ դժուարացած է ներկայիս: Յանկարծ մէկը իրեն չվերաբերող նիւթի մասին կարծիք կը յայտնէ, չիմացած լեզուով արտայայտութիւններ ունեցողին ցնդաբանութիւններուն նման, որոնք պարզապէս [...]
April 20th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի յայտարարած է, որ Ապրիլ 24ին, ոմանք դարձեալ պիտի սկսին Թուրքիան մեղադրելու ցեղասպանութիւն կատարելու յանցանքով, սակայն ան միաժամանակ վստահեցուցած է, թէ նման փորձեր պիտի չյաջողին:
Ան նաեւ կոչ ըրած է իշխող կուսակցութեան, որ «ուշադիր եւ անսասան» մնայ այս հարցով: Ապա անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն՝ Պահչելի նշած է, թէ [...]
April 19th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Ըստ յունական «Տիֆենսնե»թ կայքին՝ ատրպէյճանական մասնայատուկ ուժեր Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ գաղտնի ռազմափորձեր կը կատարեն:
- Պաղտատի, Քերքուքի եւ Սամարայի մէջ Ապրիլ 19ին տեղի ունեցած շարք մը ականահարումներուն հետեւանքով, առնուազն 33 զոհ եւ 116 վիրաւոր արձանագրուեցաւ:
- Սուտանի նախագահ Օմար Պեշիր Ապրիլ 19ին սպառնաց ամէն միջոց ի գործ դնել՝ նորանկախ Հարաւային Սուտանէն խլելու համար [...]
April 19th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազատական ժողովրդավար եւրոպական կուսակցութեան նախագահ Կրեհեմ Ուաթսըն Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին, Եւրոխորհրդարանին մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ, կառավարութեան կարծիքին չհամաձանող լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ եւ այլ անձեր կ՛ենթարկուին հետապնդումներու, դաժան վերաբերմունքի եւ բանտեր կը նետուին: «Հակառակ անոր, որ Ատրպէյճան միացած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ուխտին, անիկա կը շարունակէ խախտել անոր պայմանները: [...]
April 19th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ Իսրայէլ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն ընթացքին Իրանի հիւլէական կեդրոններուն վրայ յարձակում չգործելու ոչ մէկ պարտաւորութիւն ստանձնած է, որովհետեւ ան չի հաւատար, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի դադրեցման ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքի ջանքերը «պտուղներ պիտի տան»:
Իրան յայտարարած է, որ պատրաստ է հիւլէական բոլոր հարցերը լուծելու, [...]
April 19th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստան այցելող Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին յայտարարեց, թէ Դամասկոս կը յարգէ ու պիտի գործադրէ ՄԱԿի պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին բոլոր կէտերը, եւ աւելցուց, թէ 250 հոգինոց միջազգային դէտերու առաքելութիւնը «տրամաբանական է»: Նոյն օրը, Սուրիոյ իշխանութիւնները եւ անոր դէմ զէնք բարձրացուցած ընդդիմութիւնը անջատաբար հաղորդեցին, թէ զինադադարի պայմաններու խախտումներ արձանագրուած [...]
April 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մալթայի «Ինտիփենտըն»չ թերթը հակադարձած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի անհեթեթ այն յայտարարութեան, թէ Մալթայի մէջ համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք կատարուած դատավարութիւնները անպարտ արձակած են Ցեղասպանութեամբ ամբաստանուած թուրքերը: Թերթը Պաղըշի յայտարարութեան ակնարկելէ ետք յիշեցուցած է, թէ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւններէն մէկն է», եւ ընդգծած, որ հայերու ջարդերը [...]
April 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հաղորդակցութեանց մարզին մէջ վերջին տասնամեակներուն արձանագրուած յեղափոխութեան դրական երեսը կարելի է համարել այն իրողութիւնը, որ անոր շնորհիւ զգալիօրէն արագացած է յատկապէս պետական եւ ռազմական գայթակղութիւններ բացայայտելու կարելիութիւնը՝ առիթը չտալով այդ իշխանութեանց, որ արագօրէն զսպեն լուրերու եւ լուսանկարներու կարելիութիւնը:
Անշուշտ նոյն այդ միջոցները կը գործածուին նաեւ սուտ լուրեր «արտադրելու» նպատակով՝ գլխացաւ պատճառելով ճշմարտութիւնը վերահասատատելու պարտադրանքին տակ [...]
April 18th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու, որ կրնայ մինչեւ 15 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ իրեն դէմ բացուած նորագոյն դատին պատճառով, Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ին, Անագարայի համալսարանի «Խտրականութեան դէմ պայքար»ի մրցանակին արժանացած է:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ Զարաքօլու ներկայ չէ եղած մրցանակի յանձնման արարողութեան, իսկ անոր փոխարէն մրցանակը ստանձնած է իր քոյրը:
April 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ հերթական արիւնալի պատահար մը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի, Ապրիլ 17ին: Ըստ «Ազերիփրէս» լրատուական գործակալութեան՝ միջադէպը տեղի ունեցած է Կէօյկոլի շրջանը տեղակայուած զօրամասի մը մէջ: Ատրպէյճանցի զինուոր մը կրակ բացած է իր երեք ծառայակիցներուն վրայ՝ տեղւոյն վրայ սպաննելով անոնցմէ երկուքը, իսկ երրորդը ծանրօրէն վիրաւորուած է: Այս տարուան ընթացքին ատրպէյճանական բանակին [...]
April 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը Երեքշաբթի, Ապրիլ 17ին լայնօրէն անդրադարձած է այն պաշտպանողականին, զոր դատարանին մէջ կատարած էր բանտարկուած զօր. Չեւիք Պիր։ Սպայակոյտի պետի նախկին տեղակալը ըսած է, որ իրենց նպատակը կառավարութիւնը տապալել չէր, այլ պարզապէս կը պայքարէին յետադիմութեան դէմ եւ կառավարութիւնը կը պաշտպանէին յետադիմութեան վտանգին դիմաց: Ան պնդած է, թէ իր կողմէ հիմնուած «Արեւմտեան աշխատանքի [...]
April 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 2010ի Դեկտեմբերին, պոլսահայ երիտասարդ Կէօնայ Էօղմեն սպաննած էր իր քոյրն ու թուրք փեսան, որոնք ընդամէնը տասը օր առաջ ամուսնացած էին։ Ան Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ին, Պոլaսոյ ատեաններէն մէկուն կողմէ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ:
Դատավարութեան ընթացքին, Էօղմենի փաստաբան Ատնան Մերճան յայտարարած է, թէ սպանութիւնը կանխամտածուած սպանութիւն մը չէ, եւ թէ թուրք փեսան հայհոյանքներ տեղացուցած է պաշտպանեալի պատիւին [...]
April 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական մամուլին մէջ վերջերս յաճախակի դարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ շահերը անտեսող արարքներուն մասին հրապարակումները, որոնցմէ վերջինը լոյս տեսած է «Ռատիքալ» թերթին մէջ, Պասքըն Օրանի ստորագրութեամբ:
Օրան գրած է, թէ «եղբայրական Ատրպէյճանը գլխացաւ դարձած է Թուրքիոյ համար»՝ նշելով, որ «Թուրքիոյ սէրը Ատրպէյճանի նկատմամբ միակողմանի է»: Ան ապա թուարկած է «եղբայր եւ ազգակից» Ատրպէյճանի կողմէ [...]
April 17th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ուրբաթ, Ապրիլ 13ին, Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումի տարելիցին առիթով, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներու հոգեւոր հովիւներ կոչ ուղղեցին՝ անցեալէն դասեր քաղելու եւ նոյն մահացու սխալին մէջ չիյնալու:
Նշեալ բովանդակութիւնը կրող պատգամներէն բացի, տեղի ունեցան նաեւ հաւաքներ, որոնց շարքին նաեւ՝ Լիբանանի բոլոր համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներուն հաւաքական աղօթքը, [...]
April 16th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի եւ Երկուշաբթի, Ապրիլ 15-16ին, իսրայէլացի ոստիկաններ առնուազն 49 օտար քաղաքացիներ ձերբակալեցին օդակայանին մէջ, որովհետեւ անոնք կը մասնակցէին պաղեստինեան գրաւեալ հողեր այցելել փորձող մարդկային իրաւանց գործիչներու կազմակերպած միջազգային արշաւի մը:
Գործիչներէն առնուազն 12ը արդէն իսկ Երկուշաբթի օր հեռացուած են Իսրայէլէն:
Մարդկային իրաւանց գործիչները կը յայտնեն, թէ արշաւին նպատակն է ցոյց տալ, թէ Իսրայէլ կը [...]
April 16th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տիգրանակերտի (Տիարպեքիրի) Սուր քաղաքի քաղաքապետարանը յառաջացուցած է 40 հոգինոց քաղաքային խորհուրդ մը, որուն մէջ կան քիւրտեր, հայեր, ասորիներ, եզիտիներ, թիւրքմէններ եւ կրօնական տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ: Սոյն խորհուրդը կազմուած է քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի նախաձեռնութեամբ, որպէսզի քաղաքապետարանի աշխատակազմէն ներս չներկայացած մարդիկ նոյնպէս կարենան մասնակից դառնալ քաղաքի ղեկավարման գործին: Մէկ ամիս առաջ, Սուրի քաղաքապետարանը հայոց լեզուի [...]
April 13th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը քրտական տագնապին մօտալուտ լուծում չգտնէ, ապա «ցեղային եւ կրօնական լուրջ հարցեր պիտի ծագին» եւ պիտի աճի Թուրքիայէն անկախանալ ուզող քիւրտերուն թիւը:
- Ամերիկա կը քննէ ցարդ Իրաք մնացող Իրանի ընդդիմադիր՝ Իրանի ժողովրդական կամաւորականներու կազմակերպութեան անդամներ 5 տարբեր երկիրներ՝ Սէուտական Արաբիա, [...]
April 13th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին, մինչ Սուրիոյ մէջ իշխանութեանց հռչակած զինադադարին շնորհիւ համեմատական խաղաղութիւն կը տիրէր, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ զեկուցող ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան յայտնեց, թէ քաղաքներէն բանակային բոլոր ուժերը հեռացնելու կապակցութեամբ Սուրիոյ խոստումը ցարդ չէ իրականացած՝ կոչ ընելով Դամասկոսի իշխանութեանց, որ արագացնեն այդ գործընթացը:
Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի [...]
April 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի վրայ յարձակում մը, կրնայ ռազմական հակամարտութիւնը տարածել Փաքիստանէն միչեւ Միջերկրական ծովի տարածաշրջան, որուն հետեւանքներէն մէկը կրնայ հանդիսանալ Ատրպէյճան-Իրան ճակատում մը. այս մասին «Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան գծով նախկին խորհրդական Զպիկնիւ Պժեզինսքի, որ նաեւ զգուշացուցած է Սուրիոյ մէջ ռազմական միջամտութենէ, որովհետեւ նման [...]
April 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահական ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարած է, որ նախագահ ընտրուելու պարագային՝ պիտի շարունակէ դէմ արտայայտուիլ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, որովհետեւ Թուրքիա ցարդ չէ գոհացուցած անդամակցութեան նախապայմանները, որոնք փոփոխութեան պիտի չենթարկուին:
Ան նշած է, թէ անդամակցութեան բանակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն անոնք ցոյց կու տան, որ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին կարելի չէ Թուրքիան [...]
April 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աղէտի գօտիին մէջ տարուող աշխատանքներու 2008-12 թուականի ծրագիրին համաձայն, 2012ի աւարտին կառուցուած բնակարաններուն ընդհանուր թիւը պէտք է ըլլայ 4617: Այդ մասին 12 Ապրիլին կայացաaծ կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի քաղաքաշինութեան փոխնախարար Ռուզան Ալաւերդեանը:
Ծրագիրը կը նախատեսէ լուծել մօտ 6000 ընտանիքներու բնակարանային ծախսերը: Այդ նպատակով կը ծախսուին Ռուսիայէն ստացուած վարկի միջոցները՝ 250 միլիոն տոլար արժողութեամբ [...]
April 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Մինչ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ին Թեհրան կ՛այցելէր՝ Սուրիոյ խաղաղութեան ծրագիրին գործադրութեան համար Իրանի աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով, Սուրիոյ իշխանութիւնները ՄԱԿին փոխանցեցին, թէ պիտի յարգեն Ապրիլ 12ի առաւօտեան զինադադար հաստատելու խոստումը ու պիտի հակադարձեն միայն այն ատեն, երբ «ահաբեկչական» խմբակներ յարձակին քաղաքայիններու կամ բանակային դիրքերու վրայ: [...]
April 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Եւրոնես»չի հոլանտացի փոխնախագահ Կերպեն Եան Կերպրանտի պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ըրաւ Հոլանտայի իշխանութեանց, որ Պաքուի վարչակարգին դէմ աւելի խիստ դիրքորոշում որդեգրեն՝ քննադատելով Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները: Ան աւելցուց, թէ անցեալ ամսուան ընթացքին Հոլանտայի ելեւմուտքի նախարարը Ատրպէյճան այցելած էր՝ քննելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման [...]
April 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ին, յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա լուսարձակի տակ առաւ մեծահարուստներէն արդար համեմատութեամբ տուրքեր գանձելու հարցը՝ այս անգամ Սպիտակ տան մէջ, խումբ մը գործարարներու հետ հանդիպման մը ընթացքին:
Ան կոչ ըրաւ Քոնկրեսին, որ վաւերացնէ «Պաֆեթի օրէնք» մկրտուած բանաձեւը, որ պիտի պարտադրէ երկրի միլիոնատէրերուն եւ միլիառատէրերուն, որ առնուազն մնացեալ քաղաքացիներու [...]
April 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ինտոնեզիոյ Պանտա Աչէ շրջանէն արեւմուտք գտնուող տարածքի մը մէջ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 11ին, 8.6 ուժգնութեամբ ընդծովեայ երկրաշարժ մը ստեղծեց ծովաշարժի մտավախութիւն, որ սակայն չիրականացաւ: Ցարդ մարդկային զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան: 2004ի Դեկտեմբերին, նոյն շրջանին մէջ տեղի ունեցած ծովաշարժի մը հետեւանքով, մօտաւորապէս 230,000 զոհուած էին Ինտոնեզիոյ մէջ:
April 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ճերուսալեմ Փոս»չ.- «Ֆորպզ-Իսրայէլ» ներկայացուցած է մոլորակի ամէնէն հարուստ հրեաներու ցանկը, զոր կը գլխաւորէ «Օրաքըլ»ի համահիմնադիր եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Լերի Էլիսըն՝ իր 36 միլիառ տոլար հարստութեամբ։
Անոր կը յաջորդեն խաղատուներու արքաներէն Շէլտըն Ատըլսըն՝ 24.9 միլիառ տոլարով, Նիւ Եորքի քաղաքապետ Մայքըլ Պլիւմպըրկ՝ 22 միլիառով, Ճորճ Սորոս՝ 20 միլիառով եւ «Կուկըլ»ի համահիմնադիրներէն Սերկէյ Պրին ու Լերի [...]
April 11th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին, Միացեալ Նահանգներու այս տարուան նախագահական ընտրութեանց Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն ընտրելու ընտրապայքարը գրեթէ իր աւարտին հասաւ, երբ երկրորդ դիրքը գրաւող թեկնածու Ռիք Սանթորոմ Փենսիլվենիոյ մէջ յայտարարեց, թէ կը կասեցնէ իր ընտրապայքարը, իր աղջնակին հիւանդութեան պատճառով:
Հետաքրքրականօրէն, ան առաջատար Միթ Ռամնիին նեցուկ կանգնելու խոստում չտուաւ:
April 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի Գլխաւոր հիւպատոս նշանակած է Նասիմի Աղաեւը:
April 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Ապրիլ 9ին Չինաստան այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հիւլէական ուժանիւթի մարզէն ներս գործակցութեան նախնական համաձայնագիր մը ստորագրեց Չինաստանի հետ:
Թուրքիա Չինաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած էր 41 տարի առաջ, սակայն 27 տարիէ ի վեր ո՛չ մէկ թուրք վարչապետ պաշտօնապէս Չինաստան այցելած է։
Էրտողան նաեւ այցելեց Ուրումչի, ուր կը բնակին ույղուր թուրքերը՝ արժանանալով խանդավառ [...]
April 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Պի.Պի.Սի.», «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին, Թուրքիա ժամանած ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան յայտարարեց, թէ վեց կէտերէ բաղկացած «Սուրիոյ խաղաղութեան ծրագիրը» չէ՛ ձախողած, հակառակ Սուրիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցող բախումներուն եւ Թուրքիոյ ու արաբական կարգ մը երկիրներու այն պնդումներուն, թէ ծրագիրը պէտք է ձախողած նկատել:
Անան յիշեցուց, թէ [...]
April 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները որքա՛ն ալ խօսին կրօնական ազատութիւններու մասին, յայտնի է, որ հասարակութեան շարքերէն ներս միշտ առկայ կը մնայ այլ կրօնքներու նկատմամբ վերապահութիւն։ Պահչելիէվլեր թաղամասին մէջ պատահեցաւ դէպք մը, որ այսպէս մտածել կու տայ։ Սեմիր Սերքեք անունով անձ մը, որ 11 տարիէ ի վեր բողոքական կրօնաւորի պարտականութիւն կը կատարէ, գիշերուան ուշ ժամերուն ենթարկուեցաւ [...]
April 10th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի, Ապրիլ 9ին սպառնաց «քայլերու դիմել», եթէ Սուրիոյ իշխանութիւնները չյարգեն Ապրիլ 10ին զինադադար հաստատելու իրենց խոստումները, առանց յստակացնելու, թէ ի՞նչ կրնան ըլլալ այդ քայլերը:
Զինադադարին հարցով կասկածներ յառաջացան Երկուշաբթի օր, երբ Դամասկոս յայտարարեց, թէ զինադադարի գործադրութենէն եւ բանակային ուժերը քաղաքներէն հեռացնելէ առաջ, ընդդիմադիր զինեալները պէտք է գրաւոր երաշխիքներ տան, [...]
April 9th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կարծր կերպով արձագանգած է Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները Պոլսոյ փոխարէն՝ Դամասկոսի կամ Պաղտատի մէջ կատարելու կարգ մը իրանցի պաշտօնատարներու առաջարկներուն: «Այս յայտարարութիւնները կը նշանակեն, որ Իրան չի փափաքիր, որ գործը տեղէն շարժի: Պաղտատի եւ Դամասկոսի տարբերակներ կ՛առաջարկեն՝ հասկնալով, որ ատիկա անիրատես է: Յետոյ պիտի ըսեն՝ մենք առաջարկեցինք, [...]
April 9th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկին եւ ՄԱԿի աղբիւրներուն համաձայն՝ աշխարհի մէջ ամենամեծ թիւով ազգային բանակ ունեցող երկիրն է Չինաստանը, իսկ անոր կը հետեւի Միացեալ Նահանգները: Երրորդ տեղը կը գրաւէ Հնդկաստանը, իսկ չորրորդը՝ Հիւսիսային Քորէան: 5-7րդ դիրքը կը գրաւեն յաջորդաբար՝ Ռուսիա, Հարաւային Քորէա եւ Թուրքիա: Աւելի քան 72 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թուրքիոյ զինուորներուն թիւը 666,576 [...]
April 9th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին հաղորդեց, թէ Մարտ ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 8.2 տոկոսի իջած է՝ նախորդ ամսուան 8.3 տոկոսին փոխարէն: Սակայն, տնտեսագէտներ մտահոգութիւն յայտնեցին այն բանին համար, որ Մարտ ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը կրցած է միայն 120,000 նոր աշխատատեղիներ գոյացնել, ինչ որ ակնկալուած շուրջ 200,000էն զգալիօրէն նուազ է: Այլ տնտեսագէտներ [...]
April 6th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Սուրիոյ իշխանութեանց ընդդիմադիրները Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին կը պնդէին, թէ շարք մը քաղաքներու մէջ բանակին եւ ընդդիմութեան համակիր զինեալներու միջեւ բախումները 24 զոհ եւս խլած են, ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Սիւզըն Ռայս յայտարարեց, թէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը սուրիական տագնապին շուրջ որդեգրած է նախագահական յայտարարութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ բնակելի շրջաններէն զինուորական [...]
April 6th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական հռչակած էր Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի հանդէպ հակազդեցութիւնները չեն մեղմացած, ու պաշտօնական մակարդակներու վրայ քաղաքական զանազան ուժեր պարբերաբար կը խօսին այդ մասին։
Թրքական լրատուամիջոցներ Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին կը հաղորդեն, թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը այս կապակցութեամբ իր բողոքը պիտի արտայայտէ Փարիզի մէջ, կուսակցապետ Տեւլեթ [...]
April 6th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԳԱՆՁԱԿ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանցի երկրորդ ամենամեծ քաղաքին՝ Գանձակի (Կենճա) մէջ, Ուրբաթ, Ապրիլ 6ին զինեալ ընդհարում մը տեղի ունեցած է ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու եւ իրաւապահ մարմիններու անդամներուն միջեւ՝ երկու կողմերէն ալ զոհեր եւ վիրաւորներ խլելով: Ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց՝ բախումը տեղի ունեցած է քաղաքին «Մասխարա» կոչուած պուրակին մէջ:
April 6th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Իրան իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հետ բանակցութիւնները կ՛ուզէ կատարել ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Իրաքի մէջ՝ Ապրիլ 14ին:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի յայտնած է, որ Իրան արդէն այդ նպատակով առաջարկ մը ներկայացուցած է Պաղտատի: «Իրանի կողմէ առաջարկը այսօր (Ապրիլ 4) եկաւ, եւ այսօր մենք [...]
April 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի պետական պատկերասփիռը հեռարձակած է Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք «Եւրոտեսիլ 2012»ի հետ կապուած յայտագիր մը, որուն մէջ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնուած է այդ երկրին մէջ շարունակուող մարդկային տարրական իրաւունքներու ոտնակոխումները:
Հաղորդման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ապօրինի գործարարութեան մասին գրած «Ազատութիւն» կայանի լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի հետապնդումին, եւ նշուած է, [...]
April 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Արմէնփրէս».- Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը կը հաղորդէ, թէ Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համերպերկ անգամ մը եւս անդրադարձած է նախկին խորհրդային երկիրներու եւ յատկապէս Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող զեղծարարութեանց ու մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն: Ան ըսած է, որ Ատրպէյճանի մէջ զեղծարարութեանց մակարդակը, նախկին խորհրդային այլ երկիրներու համեմատ, շատ աւելի բարձր է, եւ աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն [...]
April 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Ապրիլ 5ին հաղորդուած տեղեկութեանց համաձայն՝ անցեալ շաբթուան ընթացքին անգործութեան ապահովագրութենէն նպաստ ստանալու առաջին դիմումը կատարողներուն թիւը 6000ով նուազած է՝ հասնելով 357,000ի, ինչ որ նուազագոյնն է Ապրիլ 2008էն ի վեր: Չորս շաբաթեայ միջինը եւս 4250ով նուազած է՝ իջնելով 361,750ի:
- Արժանթինի մէջ, Ֆոլքլենտի պատերազմի հարցով կատարուած ցոյցին մասնակիցները Ապրիլ 4ին քարկոծած են Բրիտանիոյ դեսպանատունը եւ այրած [...]
April 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական բանուորական կուսակցութեան հազարաւոր համակիրներ, քիւրտերու հարցով Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու պահանջով բողոքի ցոյցեր սկսած են կատարելու Սթրազպուրկ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ: Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Պելճիքայէն, Շուէտէն եւ Աւստրիայէն Սթրազպուրկ մեկնած քիւրտեր նաեւ կը պատրաստուին Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ երկարատեւ նստացոյցի մը սկսելու: Խումբ մը ցուցարարներ նաեւ հացադուլի [...]
April 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Պի.Պի.Սի.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին իր պատմական օրերէն մէկը ապրեցաւ, երբ 1980ի պետական հարուածի գլխաւոր պատասխանատուներէն երկուքին դատավարութիւնը սկսաւ: Դատավարութիւնը Հինգշաբթի օր եւս շարունակուեցաւ եւ դատախազութիւնը պահանջեց, որ ամբաստանեալները դատարան ներկայանան:
Առաջին երկու օրերու նիստերուն, ամբաստանեալներ՝ նախկին նախագահ Քենան Էվրեն եւ այդ օրերու օդուժի հրամանատար Թահսին Շահինգայա, իրենց առողջական կացութիւնը որպէս պատճառաբանութիւն ներկայացնելով՝ [...]
April 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է այն լուրը, թէ Իրանի հետ հակամարտող Իսրայէլը իրաւունք ստացած է Ատրպէյճանի մէջ ռազմակայաններ օգտագործելու: Մեկնաբանելով նշեալ լուրերը՝ նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ լրագրողներուն յայտնած է, թէ անոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ. «Ես չունիմ որեւէ տեղեկութիւն, որ ըսուածին մասին վկայող փաստացի հիմք կրնայ ունենալ», ըսած է ան:
«Ֆորէյն Փալըսի» թերթը [...]
April 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Մոսկուայի մօտ Սուրիոյ դեսպանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովին փոխանցած է, թէ Դամասկոս սկսած է ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը գործադրելու՝ բանակայինները հեռացնելով քաղաքներէն: Ըստ հաղորդագրութեան՝ Պոկտանով գոհունակութիւն յայտնած է սուրիական կառավարութեան որոշումին առնչութեամբ եւ սուրիական ընդդիմութեան [...]
April 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանեան քարիւղ ներածող 11 երկիրները պատժամիջոցներէն զանց առնել՝ չի նշանակէր, որ արեւմտեան երկիրները փոխած են Իրանի նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը: «Արեւմուտքը պիտի շարունակէ Իրանի վրայ ճնշումներ բանեցնել մինչեւ սկսի անդրադառնալու, որ Իրանը, ինչպէս նախապէս, կը պահպանէ իր հզօրութիւնը ու չի հրաժարիր իր [...]
April 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք լրագրող Ահմետ Շըք ելոյթ ունեցած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու դէմ բացուած դատական գործերը հետապնդող Եւրոխորհրդարանի յանձնաժողովին առջեւ՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքները ընդհանրապէս, իսկ խօսքի ազատութեան իրաւունքը մասնաւորապէս՝ շարունակաբար կը խախտուին: Վերջերս բանտէն ազատ արձակուած Շըքի համաձայն, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ մարդիկ կը վախնան ազատօրէն արտայայտուելէ կամ ցոյցեր կազմակերպելէ: Ան պատմած է [...]
April 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ին, այս տարուան նախագահական ընտրութեանց Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն ընտրելու ընտրապայքարը աւարտած յայտարարուեցաւ կարգ մը վերլուծաբաններու կողմէ, նկատի ունենալով, որ առաջատար Միթ Ռամնի երեք յաղթանակներ եւս ապահովեց՝ Մերիլենտ եւ Ուիսքանսըն նահանգներու ու Քոլոմպիա շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի մայրաքաղաք Ուաշինկթընը:
Քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ հանրապետական թեկնածուի ընտրապայքարին մէջ երկրորդ դիրքը գրաւող Ռիք [...]
April 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը Ապրիլ 4ին շարք մը քաղաքներու մէջ 10 կասկածելիներ եւս ձերբակալած է՝ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութեանց անդամակցելու ամբաստանութեամբ: Ձերբակալութեանց արշաւը իր տեսակին մէջ երկրորդն է մէկ շաբթուան ընթացքին, եւ կապ ունի Թուլուզի մէջ 7 հոգի սպաննած ու ապա ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած ֆրանսացիին հարցով բացուած հետաքննութեան:
- Քրտական հասարակական կազմակերպութիւնները նամակներ յղած են Ֆրանսայի նախագահի գլխաւոր [...]
April 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբերը Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ հաստատուելիք զինադուլը հսկելու նպատակով, Սուրիա մեկնելու պատրաստուող անզէն դէտերու առաջին խմբակը Դամասկոս պիտի հասնի «48 ժամէն»: Ըստ Անանի ծրագիրին՝ մօտաւորապէս 250 դէտեր պիտի հսկեն զինադուլի պայմաններու յարգումը:
Անան մէկ օր առաջ Ապահովութեան խորհուրդին զեկուցած էր, թէ [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աւելի քան երեսուն տարիներ անցած են Սեպտեմբեր 12, 1980ին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումէն, որուն ձեռնարկած էին այդ օրերու սպայակոյտի պետ զօր. Քենան Էվրեն ու անոր գաղափարակիցները: Յեղաշրջումին հետքերը մինչեւ այսօր տեսանելի են, իսկ անոր գլխաւոր կազմակերպիչներէն միայն երկուքը ողջ կը մնան. անոնք են՝ նախկին նախագահ Էվրեն ու այդ շրջանի օդային ուժերու հրամանատար Թահսին [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլած է քիւրտերուն նշել ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի 63րդ տարեդարձը: Օչալան Ապրիլ 4ին ծնած է Ուրֆա: Նախարարութիւնը յաւելեալ 5 հազար զինուորներ եւ ոստիկաններ տեղակայած է Ուրֆայի մէջ, այս արգելքը պարտադրելու նպատակով՝ միաժամանակ ազդարարելով, թէ Օչալանի ծննդեան օրուան կապակցութեամբ որեւէ արարողութեան մասնակիցները պիտի դատապարտուին իբրեւ «ահաբեկչական» կազմակերպութեան հրահանգներ [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Վերջին 17 տարիներուն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին վրայ գտնուած Սաֆար Ապիեւի պաշտօնավարութիւնը կը հասնի իր աւարտին. այս մասին հաղորդած է ատրպեճանական «tia.az» լրատուական կայքը՝ իր տեղեկութիւնը քաղելով «վստահելի աղբիւրներէ»:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կառոյցին մէջ մօտիկ ապագային լուրջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին՝ զայն ՆԱԹՕի չափանիշերուն համապատասխանեցնելու նպատակով. նախարարի փոփոխութիւնը եւս կ՛իյնայ այդ ծիրէն [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ զինուած ուժերը լայնածաւալ ռազմափորձերու սկսած են Միջերկրական ծովուն մէջ. այս մասին Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ին հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները:
Թրքական ծովուժերու կողքին, «Անատոլիական արծիւ» կոչուող ռազմափորձերուն կը մասնակցին նաեւ Ինճիրլիքի ռազմական խարիսխին (Ատանա) տեղակայուած ՆԱԹՕի ուժերը:
Կը նշուի նաեւ, որ թրքական կողմը այդ ռազմափորձերը կազմակերպած է ի պատասխան Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ Իսրայէլի, Յունաստանի [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԱՐՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը վերանորոգած է եւ կրօնական արարողութիւններու համար բացած է Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անիի մէջ գտնուող միակ «մզկիթը», որ թուրքերու կողմէ կը համարուի Անատոլիոյ մէջ առաջին թրքական մզկիթը:
Անիի հարաւարեւելեան դարպասին մօտ գտնուող աշտարակն ու անոր կից կառոյցը իրականութեան մէջ կառուցուած են իբրեւ դիտակէտ:
Թրքական «Զաման» թերթը գրած է, թէ Կարսի նահանգապետ Ահմետ Քարա [...]
April 3rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա, Քալիֆորնիոյ ջուրերուն մէջ գտնուող մարտանաւի մը վրայ խումբ մը զինուորականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Իրանի դէմ իսրայէլեան հաւանական յարձակումի մը պատճառով, Միացեալ Նահանգներ Թեհրանի հետ կանխահաս ճակատումի մէջ կրնայ ներգրաւուիլ, նման հաւանականութիւն մը մտահոգիչ նկատելով:
Փընեթայի բանբերը աւելի ուշ յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը ներկայիս [...]
April 2nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի արժանացած պուրմացի այլախոհ Աունկ Սան Սու Քիի կուսակցութիւնը անցնող շաբաթավերջին կայացած խորհրդարանական մասնակի ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ մը ապահովեց՝ խլելով 45 թափուր աթոռներէն 40ը: Բանակի հակակշիռին տակ գտնուող կառավարութիւնը կը շարունակէ իր վերահսկողութեան տակ պահել 440 աթոռ ունեցող խորհրդարանը:
- Այս տարուան ընթացքին, Ատրպէյճանի բանակին մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւը 19ի հասած է, երբ [...]
April 2nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ ազատ մամուլի եւ արտայայտուելու վիճակը մտահոգիչ է, որովհետեւ լրագրողներու, մարդկային իրաւունքները պաշտպանողներու եւ այլախոհներու դէմ բռնութիւնները կը շարունակուին, իսկ անոնց պատասխանատուները անպատիժ կը մնան. այսպէս եզրակացուցած է Միջազգային համագործակցութեան խումբին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը, որ իրականացած էր Պաքուի մօտ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպանատան աջակցութեամբ:
Խումբը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ազատ արձակեն [...]
March 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Անուղղակիօրէն պատասխանելով մէկ օր առաջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կատարած այն յայտարարութեան, թէ ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի՝ Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան պէտք է յարձակումները կասեցնելու նպատակով ճնշում բանեցնէ ընդդիմութեան վրայ, Անանի բանբերը Ուրբաթ, Մարտ 30ին յայտարարեց, թէ Ասատի վարչակարգը պէտք է բարի կամեցողութիւն ցուցաբերէ՝ անմիջապէս զինադադար հաստատելով:
Յայտնենք, թէ Պաղտատի մէջ կայացած [...]
March 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Ուրբաթ, Մարտ 30ի նիստին ընթացքին, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում ու ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւններու անդամ երեսփոխաններուն միջեւ հերթական բախում մը տեղի ունեցած է, կրթական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելու հարցի քննարկման ընթացքին: Կրթական յանձնաժողովի անդամներէն երկուքը իրարու «սատանայ» եւ «անկիր»չ որակած են, որմէ ետք անոնցմէ մէկը ապտակած է միւսին եւ ծեծկռտուք սկսած է: [...]
March 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Պոլիսէն դէպի Իրան ճամբայ ելած փոխադրակառք մը Մարտ 30ին ենթարկուած է արկածի մը, որուն հետեւանքով առնուազն երկու հոգի մահացած է եւ վիրաւորուած են քանի մը ուրիշներ, որոնք տեղափոխուած են Էրզրումի հիւանդանոցը:
- Ատանայի մէջ Մարտ 30ին ձերբակալուած են երկու կասկածելիներ, «Քայիտա»ին անդամակցելու ամբաստանութեամբ:
- Վրաստանը Եւրոմիութեան անդամագրելու գաղափարին կ՛աջակցի երկրի բնակչութեան 74 տոկոսը, իսկ ՆԱԹՕի անդամակցութեան՝ [...]
March 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելիի այն յայտարարութիւնը, թէ միայն իսլամներուն կը տրուի «նահատակ»ութեան կոչումը, ընդվզումի ու բողոքի ալիք յառաջացուցած է որոշ յառաջապահ շրջանակներէ ներս։ Պահչելի այս մեկնաբանութիւնը ըրած էր քննադատելու համար այն լուրերը, թէ Հրանդ Տինք կրնայ նահատակի կոչում ստանալ:
Փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ դիտել տուաւ, որ ո՛չ իսլամ կրօնքը, ո՛չ արդարութիւնը, ո՛չ [...]
March 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Արմէնփրէս».- Սթոքհոլմի մէջ գործող «Պոթիքիրաք» ասորական մշակութային կեդրոնը Երեքշաբթի, Մարտ 27ին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին որոշած է իր տարեկան «Ասորական մշակոյ»չ շքանշանը եւ անոր ընկերակցող նիւթական պարգեւը շնորհել Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած Ռակըպ Զարաքօլուին:
Ասորի գրող Ֆէյազ Քերիմօ ստանձնած է շքանշանն ու նիւթական պարգեւը Զարաքօլուին փոխանցելու պարտականութիւնը: «Պելկէ» հրատարակչութեան տնօրէն Զարաքօլու, ծանօթ է իբրեւ Թուրքիոյ [...]
March 30th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու յանցանքով մեղադրուող 364 զինուորականներու եւ մէկ քաղաքայինի հարցը քննող թրքական ատեանին դատախազութիւնը Հինգշաբթի, Մարտ 29ին, 15էն 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտեց ամբաստանեալները, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք՝ ամբաստանեալներէն Չեթին Տողան, որ երկիրի ցամաքային ուժերու նախկին հրամանատարն էր, դուրս ելաւ ատեանէն: Ամբաստանեալներուն մօտաւորապէս 250ը արդէն իսկ բանտարկուած է:
Երկու օր առաջ, նման ամբաստանութեամբ մը [...]
March 29th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հինգշաբթի, Մարտ 29ին յայտարարեց, թէ իր կարելին պիտի ընէ գործադրելու համար ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի պատրաստած ծրագիրը, սակայն աւելցուց, թէ Անան նաեւ պէտք է երաշխիքներ տայ Դամասկոսին՝ ընդդիմութեան կողմէ յարձակումները կասեցնելու կապակցութեամբ:
Այդ ծիրէն ներս, զինեալներ Հինգշաբթի օր սպաննեցին բանակային երկու բարձրաստիճան հրամանատարներ, ինչպէս [...]
March 29th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հէյպէլիի Յունաց դպրեվանքին բացման մասին ստեղծուած տարակարծութիւն մը Երեքշաբթի, Մարտ 27ին սրբագրուեցաւ Սպիտակ տան կողմէ։ Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սէուլի մէջ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ տեսակցելէ ետք ըսած է, թէ ուրախ է, որ Հէյպէլիի դպրեվանքը վերստին պիտի բացուի։ Օպամայի վերագրուած այս յայտարարութիւնը նկատուած էր նորութիւն մը՝ այն [...]
March 29th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հակադարձելով Միացեալ Նահանգներու քարիւղի եւ կազի հսկայ ընկերութեանց տրամադրուող տուրքերու կրճատումները ետ խլելու մասին Ծերակոյտի մէկ բանաձեւի մը ձախողութեան՝ նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Մարտ 29ին յայտարարեց, թէ ժամանակը հասած է, որ միլիառաւոր տոլարի շահեր ապահովող ուժանիւթի ընկերութիւնները տուրքերու իրենց արդար բաժինը վճարեն պետութեան:
Օպամա շեշտեց, թէ ուժանիւթի աճող գինին պատճառով, քաղաքացին արդէն իսկ սուղ [...]
March 29th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրան այցելած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Մարտ 29ին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ, որմէ ետք ընդունեց, թէ Սուրիոյ հարցով Թուրքիա-Իրան տարակարծութիւնները կը շարունակուին:
Արեւմտեան մամուլը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Էրտողանի Իրան այցելութեան, կը նշէ, թէ Սուրիոյ հարցը բացասական ազդեցութիւն ձգած է Իրան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի [...]
March 29th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը դարձեալ Թուրքիոյ դէմ վճիռ մը արձակած է՝ Անգարայէն պահանջելով, որ 16,600 եուրօ վնասուց հատուցում վճարէ քաղաքացի Մեհմետ Ալի Օքուրին, որ իբրեւ կասկածելի՝ 2005ին ձերբակալուած եւ ոստիկանատան մէջ չարչարանքներու ենթարկուած էր, առանց ամբաստանուելու ազատ արձակուելէ առաջ:
March 29th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելիի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ մէջ նահատակ կրնան համարուիլ միայն իսլամները, խստօրէն զայրացուցած է թրքական բանակին մէջ անցեալ տարուան Ապրիլ 24ին սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճիի ծնողքը:
Թրքական «Ռատիքալ» թերթի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Սեւակին մայրը նշած է, որ իր որդին սպաննուած է Թուրքիոյ համար [...]
March 28th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը վերջին շրջանին կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ ժամանակն է այլեւս, որպէսզի մեր ժողովուրդին ազգային պահանջատիրութիւնը թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան ճանաչումէն եւ դատապարտումէն անդին անցնի ու արդար հատուցման հրամայականին վրայ կեդրոնացնէ իր պայքարը։
Վեհափառ հայրապետը նաեւ դիտել կու տայ, թէ նախ՝ Հայկական Պահանջատիրութեան աշխարհաքաղաքական քարտէսը այնպիսի՛ն է, որ դերերու բաշխումը անխուսափելի [...]
March 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարութեան յղուած նամակի մը մէջ, Սուրիոյ իշխանութիւնները բողոքած են երկրին մէջ գործող «զինեալ խմբաւորումներուն»՝ դրացի երկիրներէն հասնող զէնքերուն կապակցութեամբ: Բողոքագիրին մէջ նշուած է նաեւ, թէ Լիբանանի որոշ «քաղաքական ուժեր» գործօն մասնակցութիւն կը բերեն սուրիացի ըմբոստները զինելու գործին եւ նիւթապէս կ՛օժանդակեն անոնց:
Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի, Մարտ 27ին, Սուրիոյ սահմանակից Լիբանանի Մաշարիհ Քաա [...]
March 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Մարտ 26ին, Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ, Հէյպելիի Յունաց դպրեվանքի բացման մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտնեց, որ համաձայն է դպրեվանքի բացման:
«Դպրեվանքի բացումը որեւէ վտանգ չի ներկայացներ Թուրքիոյ համար, բայց պայման է անշուշտ, որ Յունաստանը եւս լուծում գտնէ թուրք փոքրամասնութեան հարցերուն», ըսած է ան՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ չի փափաքիր այս երկու հարցերը [...]
March 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Չորեքշաբթի, Մարտ 28ին կը հաղորդուէր, թէ տնտեսագէտներ սկսած են աւելի մտահոգիչ համարել Սպանիոյ ելեւմտական վիճակը, որ կրնայ Եւրոմիութեան անդամ այլ երկիրի մը օժանդակութեան հասնելու պարտադրանքին տակ դնել եւրոպական շարք մը երկիրներ, Գերմանիոյ վարչապաետ Անկելա Մերքել «Պի.Պի.Սի.»ին յայտնած է, որ եթէ Յունաստան եուրոյի գօտէն հեռանայ, ապա աղէտալի պայմաններ կրնան ստեղծուիլ:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու [...]
March 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու «յանցանքով» հետապնդուող Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան դէմ Թուրքիոյ ապահովական մարմիններու շղթայազերծած պայքարի ծիրէն ներս, Մարտ 28ին, քրտաբնակ շրջաններու մէջ 44 քիւրտեր եւս ձերբակալուած են. անոնց մէջ եղած են Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւորներ ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներ: Անցեալ տարի սկսած ձերբակալութեանց այս արշաւին ծիրէն ներս, ցարդ [...]
March 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Մարտ 28ին, Իրան կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ ոչ ոք իրաւունք ունի քննադատելու երկիր մը, որ խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական ուժանիւթ կ՛արտադրէ:
Ըստ թրքական «Սապահ» թերթին՝ Էրտողան Թեհրանի օդակայանին մէջ դիմաւորուած է Իրանի փոխնախագահ Մոհամատ Ռեզա Ռահիմիի կողմէ եւ նոյն օրը հանդիպում մը ունեցած է Իրանի արտաքին [...]
March 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ըստ թրքական մամուլին, Ուաշինկթըն ճնշում կը բանեցնէ Անգարայի վրայ, որպէսզի վերջինս պաշտօնապէս ճանչնայ հիւսիսային Իրաքի մէջ հաստատուած քրտական պետութիւնը: Իր կարգին՝ Պաղտատ ճնշում կը բանեցնէ Քրտական կառավարութեան, Սուրիոյ եւ Իրանի վրայ, որպէսզի կանխէ անկախ Քիւրտիստանի մը ստեղծումը:
Միւս կողմէ՝ Իրաքի քրտական կառավարութեան վարչապետ վերընտրուած Նեչիրվան Պարզանի որոշած է իր նոր նստաշրջանի առաջին արտաքին այցը [...]
March 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած տեղեկութեանց համաձայն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները 2010ին եւ 2011ին Ռուսիոյ «Քամազ» ընկերութենէն գնած են մեծ թիւով զրահապատ փոխադրակառքեր, որոնք սովորաբար կ՛օգտագործուին դէպի մարտադաշտ բեռ փոխադրելու համար: Սակայն, անոնք այլ նպատակներու համար եւս կրնան օգտագործուիլ. նշեալ փոխադրակառքերուն մէկ մասին վրայ Ատրպէյճանի բանակը իսրայէլեան արտադրութեամբ հրթիռարձակներ տեղադրած է:
March 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Պետական յեղաշրջում կազմակերպելու յանցանքով ամբաստանուող Թուրքիոյ սպայակոյտի նախկին պետ Իլքեր Պաշպուղ Երեքշաբթի, Մարտ 27ին դատարանէն դուրս ելած է՝ անտեսելով ատեանին իրաւասութիւնը: 2008էն 2010ի միջեւ Թուրքիոյ զինուորական ուժերու ընդհանուր հրամանատարի պաշտօն վարած Պաշպուղ նախապէս յայտարարած էր, թէ ատեանը իրաւասութիւն չունի զինք դատելու՝ պահանջելով, որ դատավարութիւնը տեղի ունենայ Գերագոյն ատեանին մէջ:
Ան նաեւ «կատակ» որակած է [...]
March 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Անգարայի արուարձաններուն մէջ կասեցուցած է գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան մէկ ցոյցին մասնակցելու համար տարբեր շրջաններէ ընդդիմադիրներ տեղափոխող հարիւրաւոր փոխադրակառքերու մայրաքաղաք մուտքը՝ արժանանալով կուսակցութեան խիստ դատապարտումին: Կուսակցութիւնը որոշած է այս հարցով բողոք ներկայացնել ներքին գործոց նախարարութեան: Ցոյցը կազմակերպուած էր բողոքելու համար իշխող կուսակցութեան կողմէ առաջ մղուող՝ կրթական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելու մասին [...]
March 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Հակառակ վերջերս սերտացած Իսրայէլ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, Իսրայէլի ազգային ապահովութեան խորհուրդի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքին գնահատականով, իսրայէլացիներու համար ամենավտանգաւոր երկիրներու ցուցակին մէջ կը գտնուի Ատրպէյճանը, որուն պատճառով բաժանմունքը կոչ ըրած է իսրայէլացիներուն, որ չայցելեն այդ երկիրը, եթէ յատուկ անհրաժեշտութիւն չունին:
- Թրքական «Սթար» թերթը կը հաղորդէ, թէ ամերիկեան «Էնթըրփրայզ» հիմնարկը մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ անօդաչու օդանաւեր ծախելու [...]
March 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստան այցելող ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Երեքշաբթի, Մարտ 27ին յայտարարեց, թէ Դամասկոս պաշտօնապէս ընդունած է Սուրիոյ տագնապի լուծման իր ծրագիրը՝ զայն տագնապը լուծելու համար կարեւոր քայլ մը նկատելով: Ան աւելցուց, թէ Չինաստանի մէջ եւս «շատ լաւ» խորհրդակցութիւններ ունեցած է Սուրիոյ հարցով՝ յուսալով, որ ծրագիրը կարելի կ՛ըլլայ արագօէն [...]
March 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի 2013ի նախագահական ընտրութիւններուն նախապատրաստուող Բաց հասարակութիւն կուսակցութեան առաջնորդ, խորհրդարանի արտաքսեալ խօսնակ Ռասուլ Կուլիեւ անցեալ շաբթուան ընթացքին հանդիպումներու շարք մը սկսած է Ուաշինկթընի մէջ: Ըստ ատրպեճանական «Ենի Մուսաւա»չ թերթին, Կուլիեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ազդեցիկ գործիչներու հետ հանդիպումներու ընթացքին կարծիքներ փոխանակած է Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան, ընդդիմութեան ու մարդկային իրաւունքներու վիճակին շուրջ: [...]
March 26th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԷՈՒԼ, «Արմէնփրէս».- Սէուլի հիւլէական գերաստիճանին ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպման աւարտին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մատի նշանով մը իրեն մօտ կանչած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն: Ըստ թրքական «Հապեր 10» լրատուական կայքին, Օպամայի այս արարքը տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ հանդիսացած է Թուրքիոյ մէջ, ուր գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան գործիչները [...]
March 26th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Հարաւային Քորէայի մէջ կայացող հիւլէական ուժանիւթի հարցերուն նուիրուած միջազգային ժողովի մը առիթով Սէուլ գտնուող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կոչ ըրաւ Չինաստանի իշխանութիւններուն, որ յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Հիւսիսային Քորէայի վրայ, ոպրէսզի այդ երկիրը ձերբազատուի իր հիւլէական ծրագիրներէն: Գալով Իրանի՝ Օպամա ըսած է. «Կը հաւատամ, որ դեռ ժամանակ կայ Իրանի հիւլէական ծրագիրի տագնապը դիւանագիտական ճանապարհով [...]
March 26th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Վիեննայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Եւրոպայի մէջ «ցեղապաշտութիւնը հասած է վախազդու համեմատութիւններու»։ Ան նշած է, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր այն ոճիրներուն, որոնք կը կատարուին Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ, կամ՝ ցեղապաշտ այն զարգացումներուն, որոնք տեսանելի են զանազան երկիրներէ ներս, [...]
March 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Ուրբաթ, Մարտ 23ին հաղորդած է, թէ Ղալաթիոյ Յունական վարժարանի շէնքը՝ իր յարակից խանութներով, պաշտօնապէս վերադարձուած է յոյն համայնքին՝ իրականացնելով անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները վերադարձնելու նոր որոշումին առաջին քայլերէն մէկը։ Յունաց վարժարանը հիմնուած էր 1853ին: Շէնքն ու չորս խանութները պիտի գործածուին իբրեւ մշակութային կեդրոն, իսկ վերնայարկը, որ նախապէս նախակրթարան էր, պիտի [...]
March 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ռազմական թեւի ղեկավար Մուրատ Քարայիլան Հինգշաբթի, Մարտ 22ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ազդարարած է, թէ «ամբողջ Քիւրտիստանը» պատերազմական գօտիի մը պիտի վերածուի, եթէ Թուրքիա որոշէ ներխուժել «արեւմտեան Քիւրտիստան»՝ ակնարկելով Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն:
Թուրքիա, որ վերջերս հաստատած է, թէ Սուրիոյ հարցով քննուող կարելիութիւններէն մէկն է Սուրիոյ մէջ «ապահովական գօտի»ի մը ստեղծումը, իր [...]
March 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպեճանական «Gafgaz.info» կայքը հաղորդած է, թէ Մարտ 22ին, երկրի սահմանային զօրամասերէն մէկուն մէջ զինուոր մը անձնասպանութեան դիմած է: Յատկանշական է, որ անոր ծառայութիւնը միայն երեք ամիսէն պիտի աւարտէր: Այս շաբթուան ընթացքին այս մէկը անձնասպանութեան երկրորդ միջադէպն էր Ատրպէյճանի բանակին մէջ: «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը նախապէս հաղորդած էր, թէ Մարտ 19ին անձնասպանութեան դիմած էր Աղդամի [...]
March 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Անգարայի մօտ Իրանի դեսպանատան շէնքին վրայ 60ամեայ տղամարդ մը Մարտ 23ին երեք «Մոլոթոֆ քոքթէյլ»ներ նետած է՝ նիւթական վնասներ պատճառելով: Դեսպանատան դիմաց գտնուող դրամատան ապահովութեան աշխատակիցը յաջողած է բռնել յարձակողը եւ զայն յանձնած է ոստիկանութեան:
- Ատրպէյճանի արտաքին պարտքը, 2012ի Յունուար 1ի տուեալներով՝ հասած է 4.8 միլիառ տոլարի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անցեալ տարուան համեմատ՝ [...]
March 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ քրտաբնակ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ զինեալ ընդհարիումները շարունակուեցան Հինգշաբթի, Մարտ 22ին. անոնց ընթացքին, ըստ թրքական զինուորական աղբիւրներու՝ սպաննուած են առնուազն վեց թուրք զինուորներ եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան 7 զինեալներ:
March 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹՈՒԼՈՒԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Մարտ 21ին, Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Թուլուզի մէջ մէկ շաբթուան ընթացքին երեք զինուորներ եւ չորս հրեաներ սպաննած կասկածելին սպաննուած է անոր բնակարանը խուժած ոստիկաններու կողմէ: Ալճերիական արմատներ ունեցող 23ամեայ Մուհամատ Մալահ, իր բնակարանին մէջ մօտաւորապէս 32 ժամ շրջափակուած մնալէ ետք, պատուհանէն վար ինկած կամ նետուած է, երբ ոստիկաններ կրակ բացած [...]
March 22nd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »