Home » ՍիւնակներYou are browsing entries filed in “Սիւնակներ”
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ը քննադատութեանց ու հարցեր արծարծելու բեմ դարձնելու մեր դիմումները թերահաւատութեան կ՛արժանանան:
Իրաւունք ունի՞ն մարդիկ կասկածելու, թէ մենք պատրաստ ենք արծարծելու հարցերը եւ ընդունելու քննադատութիւնները:
Թերահաւատութիւնը յաղթահարելու ամէնէն դիւրին ճամբան՝ փորձն է: Փորձեցէ՛ք, գրեցէ՛ք եւ հաստատեցէ՛ք: Գրեցէք եւ կրնայ ըլլալ, որ ձեր կասկածը հաստատուի: Ուղղակի մարտահրաւէր մըն է ասիկա: Ծանօթներ եւ նոյնսիկ մօտիկ ընկերներ երբեմն «կը սպառնան», [...]
February 9th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս շաբթուան յօդուածը նուիրուած է այդ որոշ հայերու պարտուողական մօտեցումին, որոնց բացասական հայեացքները անգամ մը եւս արտացոլացին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրինագիծին վերաբերող վերջին նորութիւններով:
Որոշ մարդկանց մօտ կայ այն կարծրացած համոզումը, որ հայերու կողմէ որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է պարտութեան: Քանի մը տարի առաջ, որոշ ընթերցողներ խորհուրդ տուին ինծի, որ չխնդրեմ գործէ ազատել «Լոս [...]
February 9th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի տարածքի հայութեան դէմ շղթայազերծուած է թուրք-ազերիական արշաւ մը, որ կը փորձէ ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը ճակատին մեծագոյն նախատինքը գամել՝ զայն ամբաստանելով իբրեւ ցեղասպան:
Արդարեւ, Ամերիկայի մէջ բնակող թուրքերու եւ ազերիներու կողմէ այս օրերուն առաւել թափ ստացած է՝ հայկական հողը ազատագրած մարտիկներուն կողմէ Խոջալուի մէջ ազերի բնակչութիւնը «ցեղասպանութեան» ենթարկուած ըլլալու անհեթեթ մեղադրանքը ամերիկացի քաղաքական գործիչներուն [...]
February 8th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՀ Ազգային ժողովի Պետա–իրաւական Հարցերու յանձնաժողովը Փետրուար 15ին հրաւիրած է խորհրդարանական լսումներ՝ «100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցում կատարելու հարց»ի քննարկման օրակարգով։
Մեր երկրին մէջ գործող օրէնսդրութեամբ, Ազգային ժողովը կը բաղկանայ 131 պատգամաւորներէ, որոնց 90ը կ՛ընտրուի համամասնական, իսկ 41ը մեծամասնական ընտրակարգով (70 եւ 30 առ հարիւրի յարաբեկցութեամբ)։
Քսանամեայ իր անկախութեան ամբողջ շրջանին Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ պահպանած է [...]
February 8th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը պատշաճօրէն նշելու, այս համայնքի ներուժը ոգեկոչական, քաղաքական, ցուցական ու քարոզչական մեծ, ազդեցիկ ու տպաւորիչ ձեռնարկներ կազմակերպելու նպատակին զինուորագրելու համար, շրջանիս հասարակական-քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ուխտ մը պէտք է կայանայ:
Այս ուխտը պէտք է երաշխաւորէ, որ բոլոր մասնակիցները, առանց յաւակնութիւններ սնուցանելու, իրենց կարելին պիտի ներդնեն միասնաբար մշակուող ծրագիրներու իրականացման գործին:
Կրնա՞նք նման ուխտ [...]
February 7th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«Հողը Կը Ծախուի՞»
Հեղինակ՝ Վեր. Յովհ. Մ. Սարմազեան
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Վեր. Յովհաննէս Մ. Սարմազեանի պատմուածքներու հատորը գրական հետաքրքրական գործ մըն է, որ վրիպած էր մեր ուշադրութենէն։
- Ինչո՞ւ,- հարց պիտի տան մեր ընթերցողները։ Որովհետեւ մեզի պէս յառաջացած մշակութասէր հասարակութիւն մը, ցարդ չէ կրցած արդիական համակարգ մը ստեղծել՝ գրող իր զաւակներուն գիրքերը տարածելու եւ ընթերցող հասարակութեան հասցնելու համար, իսկ իր [...]
February 6th, 2012
| Posted in Գրողի Անկիւն, Սիւնակներ | Read More »
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը Հիւիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի դիւանէն ստացած է հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.
Այսու մեր հաւատացեալ ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, որ վերջին շաբաթներուն, գաղութիս անդորրութիւնը խանգարող երեւոյթներ ի յայտ եկան, թեմիս Կրօնական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն՝ հոգշ. Տ. Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի գաղթականական օրէնքի հիմամբ շրջանէս մեկնումին պատճառով։
Կը հասկնանք եւ կը յարգենք այս գծով մեր ժողովուրդի [...]
February 6th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն»ին մէջ հաւաքուածներուն համար բնական կրնար ըլլալ այն, ինչ դուրսէն դիտողի մը համար կրնար խիստ արտասովոր նկատուիլ:
Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի էր դուրսէն նայողին համար բնական երեւէր այս մարդոց՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներուն յանդգնութիւնը՝ այս օրերուն ոտքի ելլելու եւ չորս ամիսէն իսկ նուազ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կազմակերպելու թելեթոն-հանգանակութիւն մը՝ ի նպաստ Հայ [...]
February 3rd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
February 3rd, 2012
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական իրականութեան մէջ «Ֆէյսպուք»ն ու «Թուիթըր»ը տիրապետող ներկայութիւն են այլեւս, անկասկա՛ծ: Համայնքային միութիւններու մէջ եւս, կարեւոր թիւ մը սկսած են կազմելու անոնք, որոնք իրենց ձեռնարկներուն մասին հանրութիւնը տեղեկացնելու համար, կ՛օգտագործեն ժամանակակից հասարակական ցանցերու այս եւ այլ միջոցներ:
Արդիականացման ընձեռած կարելիութիւնները ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելը խրախուսելի է, եւ մենք ալ կը յորդորենք միութեանց պատասխանատուները, որ անպայմա՛ն [...]
February 2nd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Գրեթէ մէկ դար Թուրքիոյ ղեկավարները փորձած են թաքցնել Հայոց Ցեղասպանութեան հրէշաւոր յանցանքը՝ քօղարկելով այն, ինչ իրականութեան մէջ կատարուած էր սուրիական անապատի մահուան դաշտերուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան օրօք: Թուրքիոյ հզօր պետութիւնը իր զգալի ֆինանսական եւ դիւանագիտական աղբիւրները ուղղած է Ցեղասպանութեան ժխտման այդ ստոր գործին:
Թուրքիոյ ղեկավարները կարծէք չեն գիտակցիր, թէ ժխտելով ու ստելով, ինչպէս նաեւ իրենց [...]
February 2nd, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յաղթանակները ցնծութեամբ կը դիմաւորենք, պարտութիւններն ու նահանջները՝ տխրութեամբ, բայց երբե՛ք՝ յուսահատութեամբ:
Բազմաթիւ ծանօթներ, նոյնիսկ անծանօթներ, խմբագրատուն ռմբահարեցին իրենց հեռախօսազանգերով, արտայայտելու համար իրենց բարկութիւնը, տխրութիւնը՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի խումբ մը անդամներու նախաձեռնութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը այդ երկրի Սահմանադրական խորհուրդին հասցնելու առթիւ: Քանի մը օր տեւած ցնծութիւնը «հարամ»ուած էր, ու մարդիկ բառեր կը փնտռէին իրենց զայրոյթն [...]
February 1st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թրքական պետութեան դիւանագիտական ճկունութիւնն ու խորամանկութիւնը աշխարհահռչակ են։
Օսմանեան կայսրութեան նուաճման ժամանակներէն իսկ, թուրք քաղաքական միտքը նախանձելի ընդունակութեամբ կրցած է մէկ ձեռքով եաթաղանը անխնայ գործածել, իսկ միւսով՝ իրաւունքի եւ արդարութեան կշիռքով օրօրել իր մրցակիցներն ու մինչեւ իսկ… զոհերը։
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սկզբնական այս շրջանին եւս, թրքական պետութիւնը ի վիճակի է զարմացնելու եւ տպաւորելու միջազգային ընտանիքը՝ [...]
February 1st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ իշխանաւորները եւ իրենց հետեւորդ թուրք անտեղեակ հասարակութիւնը հիմա իրենց հերթը կը նկատեն ցնծալու: Ճիշդ է, որ Ֆրանսայի քաղաքական շրջանակներուն վրայ իր ճնշման լծակներով յոխորտալու արդար իրաւունքը շահեցաւ Թուրքիան, սակայն շատ հեռու է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումի մղձաւանջէն փրկուած ըլլալէ:
Հիմա գնդակը Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդի դարպասին առջեւն է եւ թուրք հարուածողները այդ երկիրը ծունկի բերելու պատմական [...]
January 31st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ իշխանաւորները եւ իրենց հետեւորդ թուրք անտեղեակ հասարակութիւնը հիմա իրենց հերթը կը նկատեն ցնծալու: Ճիշդ է, որ Ֆրանսայի քաղաքական շրջանակներուն վրայ իր ճնշման լծակներով յոխորտալու արդար իրաւունքը շահեցաւ Թուրքիան, սակայն շատ հեռու է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումի մղձաւանջէն փրկուած ըլլալէ:
Հիմա գնդակը Ֆրանսայի սահմանադրական խորհուրդի դարպասին առջեւն է եւ թուրք հարուածողները այդ երկիրը ծունկի բերելու պատմական [...]
January 31st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յոռի բարքեր քննադատելու համար աւելի նպատակայարմար կ՛ըլլար երգիծական ոճով գրել: Նման շնորհք չունենալով՝ պիտի բաւարարուիմ ուղղակի, ճակատային դիմագրաւելով խնդիրը:
Մեր կազմակերպական ու միութենական իրականութեան մէջ կայ ընդհանրացած երեւոյթ մը՝ պախարակելի, իմ կարծիքով, որ կը դրսեւորուի մեր շրջապատին մէջ գործող անձերու հանդէպ արհամարհական եւ նսեմացնող վերաբերմունքով:
Միութենական կեանքի մէջ որեւէ մակարդակի պատասխանատուութիւն ստանձնող անձ կրնայ սխալներ գործել, [...]
January 30th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԴԱՒԻԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կը ներկայացնենք ՀՅԴ 121րդ տարեդարձի տօնակատարութեան առթիւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խօսքը՝ Դաւիթ Առաքելեանի կողմէ.
Սիրելի ընկերներ, յարգարժան հիւրեր,
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը ողջունում է ձեզ: Այս տարի, մենք տօնում ենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 121րդ ամեակը: Իր հիմնաւորման առաջին պահերից սկսած՝ ՀՅԴն եղել է մեր ժողովրդի կողքին եւ հանդէս է եկել իբրեւ մեր [...]
January 27th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
January 27th, 2012
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Չինական օրացոյցով, Վիշապի տարին նոր սկսաւ: Հոյակապ զուգադիպութեամբ մը, Հայոց ազգային, հայոց դիւցազուն բանակի օրը յիշատակելու համար, վիշապաքաղ, պատերազմի ու քաջութեան աստուած Վահագնի ուղղութեամբ գացին մեր մտորումները:
Բանակի օրուան առթիւ աւելի քան պատշաճ է վկայակոչել մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացիի գրչով յաւերժացած՝ Վահագնի ծնունդը աւետող դիւցազներգութիւնը.
«Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,
Երկնէր եւ ծովն ծիրանի,
Երկն ի ծովուն ունէր եւ [...]
January 26th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ ղեկավարները ամիսներ շարունակ կը սպառնային Ֆրանսայի հետ հաշուեյարդար տեսնել, եթէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Արհամարհելով Թուրքիոյ սպառնալիքները՝ Ֆրանսայի խորհրդարանը 2011 թուականի Դեկտեմբեր 22ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ծերակոյտը շարունակեց այդ գործընթացը 2012 թուականի Յունուար 23ին, եւ 7 ժամ տեւած քննարկման իբրեւ արդիւնք՝ ընդունեց օրինագիծը 127 կողմ եւ 86 [...]
January 26th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Երեքշաբթի, Յունուար 24ին աւարտեցաւ աւելի քան վեց տարի առաջ, Եփրատի ափերուն վրայ տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրի մը հետապնդումն ու դատավարութիւնը՝ ամբողջ աշխարհին ցոյց տալով, թէ թատերական դատավարութիւնները վերապահուած չեն միայն Խորհրդային Միութեան կամ մենատիրական ու բռնատիրական այլ կառավարութիւններու, այլ կը շարունակուին մինչեւ օրս իսկ, ծայրայգոյն Արեւմուտքին մէջ, որ ըստ ծանուցուածներուն, պէտք է ժողովրդավարութեան ու [...]
January 25th, 2012
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
«ԱԶԴԱԿ»
Ֆրանսայի Ծերակոյտին քուէարկութիւնը կարելի է դիտարկել իբրեւ բեկումնային հանգրուան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ: Որոշումի յանգման դրդապատճառները, շարժառիթները տարատեսակ են: Այդ բոլորի մասին տակաւին կ’անդրադառնա՛ն ինչպէս միջազգային եւ ֆրանսական լրատուադաշտը, այնպէս նաեւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները: Օրինագիծի որդեգրումին անմիջականութիւնը նկատի ունենալով՝ այս հանգրուանին աւելի քան ընկալելի են հասարակական հարթութեան վրայ տիրական ներկայութիւն եղող զգացականութիւնը, յաղթողի դրսեւորումները [...]
January 25th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երկուշաբթի, 23 Յունուարի յետմիջօրէին, բարեկամ մը հեռաձայնեց. «Իմացա՞ր. Ֆրանսայի Ծերակոյտը հաստատեց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը…»։
Չէի իմացած, իմացայ։ Լուրը մինչեւ երեկոյ տարածուեցաւ մամուլին ու համացանցի լրատուական այլ աղբիւրներու (նաեւ բարեկամիս պէս հեռաձայնողներու) միջոցով՝ գոհունակութիւն սփռելով հայկական ու արդարութեան հակամէտ շրջանակներու մէջ։ Ապրեցանք յաղթանակին ուրախութիւնը…
Պէտք չունինք սպասելու Թուրքիոյ հակազդեցութեան, որ նմանապէս ակնթարթային պիտի ըլլայ, (գիտենք, թէ Ֆրանսա [...]
January 24th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի հաստատումը անօրինակ ոգեւորութեան ալիք պիտի յառաջացնէ ամբողջ հայաշխարհին մէջ:
Ցնծութեան ու հպարտութեան, տօնախմբութեան մթնոլորտի մէջ պիտի ըլլանք յառաջիկայ օրերուն:
Արդար է, որ վայելենք յաղթանակի բերկրանքը: Արդար է, որ այս յաղթանակով ներշնչուինք ու նոր յաղթանակներ կերտելու վճռականութեամբ տոգորուինք:
Յաղթանակը նաեւ իրեն հետ կը բերէ հսկայական պատասխանատուութիւն: Արդարեւ, այս պատմակշիռ ձեռքբերումը [...]
January 23rd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան նախօրէին, եկէ՛ք ակնարկ մը նետենք այն օրակարգերուն, որոնք այս կազմակերպութեան տեղական կառոյցին՝ անոր մարմիններու գործադաշտին վրայ կը ներկայանան:
Ընդհանուր եզրերով՝ հայապահպանում ու ամերիկահայութեան քաղաքական ուժի կազմակերպում, այդ ուժի նպատակասլաց օգտագործում՝ ի խնդիր հայութեան տեղական, բայց մանաւանդ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան, սատարում՝ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց տնտեսական զարգացման, անոնց բարգաւաճման:
Հայապահպանում՝ խրախուսելով հայկական վարժարաններու ցանցի [...]
January 20th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
January 20th, 2012
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կազմակերպական տարուան աւարտին, Դաշնակցական իւրաքանչիւր կոմիտէութիւն (շրջանի մը մէջ գործող կուսակցական միաւոր), իր Ընկերական ընդհանուր ժողովին կը քննէ ղեկավար մարմինին ներկայացուցած նիւթաբարոյական զեկոյցը, որ կազմուած կ՛ըլլայ դրամական ելեւմուտքի մասին հաշուետուութենէ եւ կազմակերպական-քաղաքական գործունէութեան մասին տեղեկագրութենէ:
Կազմակերպական-քաղաքական գործունէութիւնը, այսպիսով, կը դառնայ կուսակցականի մը բարոյական պարտաւորութեան դրսեւորումը: Այդ պարտաւորութեանս ուղղութեամբ ի՞նչ ունիմ զեկուցելիք.
- Ժողովներու մասնակցութիւնս բաւարար եղած [...]
January 19th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ ղեկավարները պարբերաբար կը յայտարարեն, թէ իրենք չեն վախնար իրենց երկրի անցեալին հետ առճակատուելէն: Սակայն, հազիւ թէ ոեւէ մէկը անոնց յիշեցնէ իրենց պատմութեան ամենամութ դրուագները, անոնք կը մատնուին խուճապի եւ հանդէս կու գան բուռն արձագանգներով:
Թուրք պաշտօնատարներուն արտասովոր վարքագիծի վերջին օրինակը անոնց արձագանգն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման ուղղուած Ֆրանսայի նախաձեռնութիւններուն: Հակառակ Թուրքիոյ [...]
January 19th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ՀՅԴ օրուան տօնակատարութեան, կուսակցութեան ներկայացուցիչները հանդէս պիտի գան զեկուցումներով՝ ամփոփելով անցեալ տարուան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, գլխաւոր իրագործումներն ու թերութիւնները:
Իբրեւ դաշնակցական մարդ՝ կուսակցութեան գործունէութեան իմ շարքային մասնակցութիւնս գնահատելու լաւագոյն առիթն է ասիկա: Հրապարակաւ կ՛ընեմ այդ գնահատումը՝ պարզապէս այս շրջանին մէջ ապրող դաշնակցականի մը առօրեան քիչ մը աւելի շօշափելի դարձնելու համար շրջապատիս, ընկերներուս ու բարեկամներուս:
Կուսակցութեան կանոնագիրով [...]
January 18th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
(Դաշնակցութեան Օրուան Առիթով)
«ԱԶԴԱԿ»
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնները տարուէ տարի աւելիով կը հրապարակայնացնեն կուսակցութեան գործունէութիւնը, աւելիով հաշուետուութեան շեշտադրումներով կը ներկայացնեն կուսակցութեան խօսքը եւ աւելիով ժողովուրդին կը բանան յետագայ աշխատանքներուն հիմնական նախանիշերը: Դաշնակցութեան օրուան նշումները վաղուց արդէն ինքնագովերգանքի առիթներ դադրած են ըլլալէ եւ վերածուած հարցերը ուղղակի արծարծելու, բացթողումները մատնացոյց ընելու, եղելոյթներուն առարկայական գնահատական տալու եւ մանաւանդ ժողովուրդի վստահութեամբ զինուած [...]
January 17th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Բարոյական ու քաղաքական կողմնորոշիչների աստիճանական կորուստը, ազգային ինքնագիտակցութեան անխոհեմ, իսկ երբեմն էլ ուղղորդուած լուացումը մեր հասարակութեանը (եւ ոչ միայն մեր) հասցրել են այնպիսի նուաստացուցիչ իրավիճակի, երբ քաղաքացին ամաչում կամ վախենում է խոստովանել, որ ինքն ազգայնական է…
Չգիտես ինչո՞ւ, հարկ է լինում երկար բացատրութիւններ տալ «ազգային» եւ «ազգայնական» աշխարհայեացքների միջեւ տարբերութեան վերաբերեալ, մտնել պատմայտերմինաբանական լաբիրինթոսները, որոնք [...]
January 13th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
January 13th, 2012
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
Պոլսահայ միութենէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Ի գիտութիւն մեր սիրելի ժո-ղովուրդին, կը յայտարարենք թէ, հովանաւորութեամբ Ապրիլ 24ի Հայկական միացեալ մարմնի եւ կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան, Կիրակի, Յունուար 15, 2012, երեկոյեան ժամը 6ին, ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ նահատակութեան 5րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ տեղի պիտի ունենայ ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ մը, Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, 19726 Sherman Way, Winnetka, CA [...]
January 12th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Օպամայի վարչակարգին իրերայաջորդ քաղաքական սայթաքումներուն հետեւանքով, Մեթիու Պրայզա ստիպուած եղաւ անցած շաբաթ լքել Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի իր պաշտօնը:
Նախագահ Օպամա անտեսեց 2010ի Մայիսին Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին համար իր կողմէ առաջադրուած թեկնածուի լուրջ թերութիւններուն մասին բազմաթիւ զգուշացումները: Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները Պրայզան կը մեղադրէին ատրպեճանամէտ դիրքորոշում եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ կասկածելի կապեր ունենալու համար: [...]
January 12th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընթերցողներու հետ երկխօսութիւն ունենալու մեր փորձերը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը զգալի է: Թերթը իբրեւ հանրութիւնը յուզող հարցերու լուսաբանման միջոց տեսնելու համոզումը խորացնելու խնդիր կը դիմագրաւենք, ու այդ հարցը կը տագնապեցնէ մեզ:
Հաւատալով, որ «Ասպարէզ»ը պէտք է իր իւրայատուկ առաքելութիւնը իրականացնէ լրատուական միջոցներու բազմազանութեան, անոնց փոխանցած տեղեկութեանց յորձանուտին մէջ,
Հաւատալով, որ թերթը ամէն օր պէտք է արժեւորէ [...]
January 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանն ու հայութիւնը խորհրդարանական ընտրապայքարի տարին սկսան իւրայատուկ… աւետիսով մը։
Մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները աւետեցին, որ «Յունուարի 10ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով ձեւաւորուել է բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիկայի յանձնաժողովի կազմը, որի գործունէութեան տիրոյթը ներառելու է 500 բարձրաստիճան պաշտօնեաների գոյքի եւ եկամուտների վերաբերեալ յայտարարագրերի վերլուծութիւնը եւ հրապարակումը, շահերի բախման դէպքերի եւ էթիկայի կանոնների խախտումների յայտնաբերումը [...]
January 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 121ամեակի տօնակատարութեան կը պատրաստուինք (քիչ մը ուշացումով, արդէն թեւակոխած ըլլալով 122րդ տարին), հանդիսաւոր ձեռնարկով (Կիրակի, Յունուար 22) եւ անկէ մէկ օր առաջ տեղի ունենալիք խրախճանք-երեկոյթով:
Մեր տարեկան աւանդական միջոցառումներու շարքին է Դաշնակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնը, որ ունի իր իւրայատուկ յատկանիշերը, որոնց արդէն ծանօթ է կուսակցութեան համակիր շրջանակը:
Այդ յատկանիշերու շարքին կ՛առանձնանան երկուքը՝ կուսակցութեան [...]
January 10th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Համայնքէն ներս յաճախ կը տարածուին բազմատեսակ լուրեր, որոնք բաւական հեռու կրնան ըլլալ իրականութենէն:
Նախապէս այս անհիմն լուրերը բերնէ բերան միայն կը շրջէին, առաւելագոյն պարագային՝ զգայացունց լուրեր հրատարակելու ցանկութիւն ունեցող թերթի մը խմբագիրը կրնար անոնց տեղ տալ:
Հիմա, հասարակական ցանցերու առկայութեան պայմաններուն մէջ, շատ բան փոխուած է ու լուրերու տարածման համակարգը այնքա՛ն կատարելագործուած, որ բոլորովին անհիմն լուր [...]
January 9th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱԶԴԱԿ»
Ֆրանսայի մէջ գործող Թուրքիոյ դեսպանը, որ առ ի բողոք Ֆրանսայի Ազգային ժողովի քուէարկած օրինագիծին մեկնած էր Անգարա, ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն փոխանցած տեղեկութիւններուն մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ կը վերադառնայ իր աշխատանքին: Այդպէս ալ պիտի ըլլար:
Հիմնաւորումը՝ աշխատանքի վերադարձին, կը վերաբերի գործուղման թիրախային նոր կէտի մը: Արգելակել, որ օրինագիծը յայտնուի Ֆրանսայի ծերակոյտի օրակարգին: Այս մէկն ալ օրինաչափ է: Անգարա [...]
January 5th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
2011ին Թուրքիոյ ղեկավարները թոյլ տուին լուրջ մարտավարական սխալի մը: Զանոնք այնքա՛ն մտահոգած
էր 2015 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գալիք «ցունամին», որ անտեսած էին աւելի անմիջական քաղաքական փոթորիկները:
Հայերը արագօրէն օգտուեցան Թուրքիոյ բացթողումէն՝ հասնելով շարք մը յաջողութիւններու.
1- Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծ.
2- ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն վերադարձնել հայկական [...]
January 5th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
January 5th, 2012
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, համայնքային մեր կեանքին դրական ներդրում բերելու բոլոր տուեալներով ներկայացաւ քալիֆորնիահայ հասարակութեան:
Նորանշանակ առաջնորդի հանդիպումներուն մասին մամլոյ բոլոր արձագանգները խանդավառ էին: Կարելի էր թերահաւատութեամբ մօտենալ այդ արձագանգներուն՝ զանոնք դասելով քաղաքավարութեան սովորական դրսեւորում մը՝ կղերական ղեկավարի մը հանդէպ պատշաճ վերաբերում ցոյց տալու պարտաւորութենէն դրդուած:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէին [...]
January 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քաղաքական հարցախոյզներու եւ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան հայրենի մասնագէտ մը, տարեվերջին, ինքնավստահութեամբ դիտել կու տար, թէ Հայաստանի 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը այժմէն իսկ նախատեսելի է։
Ահարոն Ադիբեկեանի համաձայն՝ ներկայ իշխանաւոր համախմբումը Ազգային ժողովի յառաջիկայ նորընտիր կազմէն ներս կ՛ունենայ 55 տոկոսի մեծամասնութիւն, Դաշնակցութիւնն ու Ժառանգութիւնը՝ 10ական տոկոս, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները համախմբող Հայ Ազգային Կոնգրեսը կ՛ապահովէ 25 տոկոսի [...]
January 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՇԱՒԱՐՇ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ, Երեւան
Հայ ժողովրդի այն տեսակը, որ իր կեանքի գնով, զէնքով, գրչով կա՛մ իր քրտինքով, միշտ տանում էր ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ծանր բեռը, ստեղծեց մեր փրկութեան կուսակցութիւնը՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Մեր ժողովուրդը ուրիշ ճանապարհ չունի:
January 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն,
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն, եւ ձեզի կը մաղթենք աստուածային բարիքներով լեցուն եւ հոգեւոր արժէքներով ու ազգային իրագործումներով հարուստ տարի մը։
Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, 2006ին Հայ Գրերու Գիւտին 1600ամեակը համազգային տարողութեամբ [...]
January 3rd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Աւարտին է մօտեցել 2011 թուականը: ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէն ջերմօրէն շնորհաւորում է համայն հայ ժողովրդին՝ Ամանորի ու Սուրբ Ծննդի առթիւ:
2011 թուականը լի էր ներքին եւ արտաքին քաղաքական անցուդարձերով: Այսօր եւս հայկական երկու պետութիւնները եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրների առջեւ: Այդ մարտահրաւէրներին դիմագրաւելու եւ անհրաժեշտ յաջողութիւններ արձանագրելու համար մեզ պէտք է հզօր կամք [...]
December 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 29th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գալիք տարին, չինական համաստեղութեան համաձայն՝ Վիշապի տարի է: Կլոր տարի չէ, կ՛ուզենք սուր տարի դարձնել զայն:
Ինչպէ՞ս:
«Ասպարէզ» երբեք չէ խուսափած սուր հարցեր դիմագրաւելէ: Այսուհանդերձ, մեր էջերը, սուր հարցադրումներու եւ ցաւոտ խնդիրներու արծարծման, ինքնաքննադատութեան կամ քննադատական տեսակէտէն՝ այնքան ալ հարուստ չեն եղած:
Կը գիտակցինք, որ սուր հարցադրումները, համայնքի պատասխանատուները, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ղեկավարները ցաւագին հարցերու դէմ յանդիման [...]
December 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2011ը կը փակենք, ազգային–քաղաքական գետնի վրայ, դրական հաշուեկշռով։
Թէեւ ընկրկումներ արձանագրուեցան 2011ին եւս, բայց ձեռքբերումները գերակշռեցին։
Անշուշտ՝ յարաբերական առումով։
Բաղդատաբար 2010ին, հայ ժողովուրդը 2011ին յառաջխաղացք արձանագրեց որոշապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Տարի մը առաջ լուրջ դժուարութիւն ունէինք զիրար հասկնալու եւ, մանաւա՛նդ, ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները տարհամոզելու, որ «Հայեւթուրք Արձանագրութիւն»ն ու զայն կեանքի կոչող «Ֆութպոլային Դիւանագիտութիւնը» ի սկզբանէ անհեթեթ [...]
December 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
(Նիքոսիա, Կիպրոս)
Շուտով 2011ը կ՛անցնի պատմութեան գիրկը… Յիշենք միայն լաւն ու բարին, դասեր քաղենք մեր սխալներէն, լեցուինք նոր եռանդով ու սիրով դէպի կեանքն ու մարդիկ… եւ շարունակենք մեր կեանքի ճամբան նորոգ յոյսով ու հաւատքով…
December 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կան ամբողջ բանակ մը մարդիկ, որոնք նպաստած են այս թերթի վերելքին, որոնց երախտապարտ է այս հաստատութիւնը:
Առաջին հերթին՝ «Ասպարէզ»ի անձնակազմի անդամները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութենէն շատ աւելին կ՛ընէ, առանց սակարկելու, առանց գանգատելու՝ սիրով: Առանձին գնահատանքով պէտք է առանձնացնել Արմինէն՝ Զարիֆեանը, որ աշխատանքի ամէնէն ծանր բեռը շալկելով՝ նորանոր ծրագիրներ մշակելու յանդգնութիւն կը ներշնչէ բոլորիս:
Աշխատակիցներու ստուարացող համրանքը [...]
December 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» եւս կաղանդի նուէրներ ստանալու անձկութեամբ կը սպասէ Նոր Տարիին: Նուէրներու մէկ կարեւոր մասը հասած է խմբագրութիւն՝ Նոր Տարուան «Ասպարէզ»ի յատուկ թիւի հովանաւորներու միջոցաւ: Այդ նուէրներուն շնորհիւ, թերթը յաջորդ տարուան մէկ կարեւոր մասին իր անմիջական կարիքները կ՛ապահովէ: Շնորհակալութիւն մեր բոլոր հովանաւորներուն, որոնք իրաւամբ մեր թերթի կաղանդ պապիկներն են: Եթէ ուզէք միանալ այդ խումբին, դեռեւս [...]
December 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 23rd, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Իրաւունք ունին Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Մենք ենք մեղաւորը: Մենք ենք, որ պէտք է ներողութիւն խնդրենք: Մենք ենք, որ պէտք է զիջինք, մեղանչենք հաւաքաբար: Հրապարակաւ խոստովանինք ու՝ «Ե՛ս քեզ մեղայ» աղերսենք:
Նոյնիսկ որ պատերազմինք, արեան գնով փրկենք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ոչինչ կը փոխուի, 20 տարի անց դարձեալ մենք պէտք է համակերպինք:
Նոյնիսկ որ ֆրանսական խոր-հրդարանը հակաթուրք բանաձեւ որդեգրէ, [...]
December 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիան մեծ պարտութիւն կրեց անցեալ շաբաթ, երբ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ նշանակալից բանաձեւ մը ընդունեց՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ կառավարութեան, որ վերադարձնէ բռնագրաւուած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներն ու այլ կալուածներ «իրենց օրինական տէրերուն»:
Այս յաղթանակը յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ հեղինակութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին [...]
December 22nd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները իբրեւ «դասական» ու «աւանդական» կառոյցներ վարկազրկելու, մերժելու եւ այսպէս կոչուած «ժամանակակից» նորերով փոխարինելու փորձերն ու յաւակնութիւնները այնքա՜ն անհեռանկար են, որ առաջին ակնարկով կրնայ թուիլ, թէ անոնց դէմ այս աստիճան շարունակական ահազանգ հնչեցնելու կարիքը չկայ։
Բայց երբ քննական հայեացքով լուսարձակի տակ առնուին հինցած ու սպառած այդ քարոզարշաւին զուգահեռ հոսող եւ, իբր [...]
December 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նոր Տարին ցանկութիւններ արտայայտելու լաւագոյն ժամանակն է, հաւանաբար: Կաղանդչէքի անունին տակ կրնանք թուել մեր սրտին փափաքածները՝ ի՛նչ պիտի ուզէինք ստանալ Կաղանդ Պապայէն, միշտ յուսալով, որ մէկն ու մէկը պիտի հագնի այդ առասպելական արարածին հանդերձանքը եւ ընդառաջէ մեր ցանկութեանց:
Սկսելու համար կաղանդչէքներու շարքը, կը ներկայացնենք Հայաստան ներգաղթած հասարակական գործիչ Մարիա Թիթիզեանի փափաքներուն ցուցակը, զոր ան ներկայացուցած [...]
December 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յաղթանակներով կամ մեծ ու փոքր յաջողութիւններով կարելի է խանդավառուիլ, կարելի է պահ մը գինովնալ, յոխորտալ: Այսպիսի պահ ապրեցանք վերջերս, երբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց կալուածները վերադարձնելու բանաձեւը վաւերացուց:
Այսօր ալ, հաւանաբար, այդպիսի պահ մը շնորհուի մեզի Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ՝ վաւերացնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները քրէական պատիժի ենթարկելու բանաձեւը:
Ոգեւորութիւնը, յաղթանակի պատճառած ցնծութիւնը, ուժի նոր աղբիւրի [...]
December 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ հակադարձութիւնը հայկական Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող բանաձեւի՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ սպասուող հաստատումին, կարելի է բնորոշել հիւանդագին: Թէ որքանո՛վ այս ջղագրգիռ հակադարձութիւնը կարելի է վերագրել Թուրքիոյ վարչապետի հիւանդութեան՝ կը ճշդուի հետագային՝ պատմաբաններու կողմէ:
Էրտողանի հիւանդութեան մասին լուրերը պետական գաղտնիք դարձած են: Այսուհանդերձ, ամերիկեան եւ միջազգային որոշ շրջանակներ արդէն իսկ յետ-Էրտողանեան քաղաքական զարգացումներու մասին քննարկումներ կը կատարեն:
Թուրքիոյ վարչապետի [...]
December 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նարեկ Յարութիւնեանը կալանքէն ազատ արձակուած է ու իր դատի պաշտպանութեան լծուած: Մենք անշուշտ պատրաստ ենք լայնօրէն լուսաբանելու իր եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ ձեռնարկատէրերու՝ հայաստանեան գործունէութեան հետ կապուած խնդիրները, անոնց դառն փորձառութիւնները:
Հայաստան-Սփիւռք տնտեսական գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին համազգային համախոհութիւն կայ: Այսուհանդերձ, այդ գործակցութիւնը քաջալերելու, ներդնողներուն վստահութիւնը ամրապնդող քայլեր առնելու ուղղութեամբ, ոչ մէկ լուրջ ծրագիր տեսած ենք:
Երեւանի մէջ, [...]
December 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 16th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր մեր սովորական թերթին հետ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք շրջանիս հայ ոսկերիչներուն նուիրուած յատուկ թիւ մը:
Անցեալին, «Ասպարէզ» յատուկ թիւեր պատրաստած ու ընթերցողներուն ներկայացուցած է տարբեր խորագիրներով՝ մասնագիտական թէ համայնքային կառոյցներու մասին:
Ամէն անգամ, երբ ձեռնարկենք այսօրինակ յատուկ թիւերու պատրաստութեան, ցաւագին գիտակցութիւնը կ՛ունենանք մեր աշխատանքի սահմանափակութեան:
Արդարեւ, այս հսկայ գաղութը այնքա՛ն հարուստ է հետաքրքրական, արժէքաւոր, կարեւոր կեդրոններով, [...]
December 15th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախագահ Սարգսեան Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ հանդէս եկաւ կարեւոր ելոյթով մը, որուն ընթացքին ան ներկայացուց Թուրքիայէն Հայաստանի պահանջներու բաւարարման նոր ռազմավարութիւն մը: Մինչ այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն:
Առաջին անգամն ըլլալով է որ նախագահը խօսեցաւ Հայաստանի՝ «արդարութեան» պահանջին մասին: Վստահ ըլլալու համար, որ իր պատգամը լսելի եւ հասկանալի պիտի դառնայ, ան [...]
December 15th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ֆրանսայի խորհրդարանը, նախքան տարեվերջ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դնէ, եւ ըստ քաղաքական դիտորդներուն, այդ բանաձեւը յաջողելու մեծ հաւանականութիւն ունի:
Իսրայէլի Քնեսեթը ծրագրած է իր օրակարգին վրայ բերել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրինագիծը: Ասոր յաջողութեան հաւանականութիւնը կախեալ է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու լարուածութեան աստիճանէն:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը արդէն իսկ հաստատեց Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց հոգեւոր [...]
December 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները վերապրեցան ժամանակի մաշումէն, որովհետեւ եղա՛ն սերունդներու անձնուիրութեամբ նուաճուած գաղափարական ու կազմակերպական աւանդներու եւ բարոյական արժէքներու հաւատարիմ ու հաւատաւոր ժառանգորդը։ Աւելի՛ն. եղան ժառանգուած աւանդն ու արժէքները ոչ միայն ինքնանպատակ պահպանող, այլեւ վերանորոգող, արդիականացնող եւ նոր հորիզոններու բացող գաղափարական կազմակերպութիւններ՝ ի սպաս ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան իրականացումին։
Կարելի է տարակարծութիւններ կամ [...]
December 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«ԼՐԱԳԻՐ»
Համերգային ծրագրով Մոսկուայում էր աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրը: «Ներկայում իմ երկրում ներքին ցեղասպանութիւն է տեղի ունենում: Դա քաղաքականապէս անընդունելի եմ համարում: Հայաստանի իշխանութիւնները, հնարաւորութիւն չտալով երկրին շնչել՝ երկիրը զրկում են երիտասարդութիւնից, որը հեռանում է: Այդ իմաստով, խնդիրն արդէն քաղաքական չէ, այլ համամարդկային: Այն պէտք է անյապաղ լուծուի», երգչի խօսքերը մէջբերում է Life Showbiz-ը:
Երբ վերջերս [...]
December 13th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ճիշդ է որ Քարիպեան չքնաղ կղզիները, երկինքի ջինջ կապոյտն ու ջուրերու լազուարթը, առինքնող ու մագնիսական իրենց դերը ունին Հայ կրթական հիմնարկութեան տարեկան աւանդական նաւապտոյտի աննախընթաց յաջողութեան մէջ, սակայն եւ այնպէս, այդ յաջողութիւնը միայն ու միայն գեղեցիկ բնութեամբ սահմանելը՝ մեր կողմէ առնուազն միամտութիւն պիտի ըլլար:
Արդ, նաւապտոյտին մասնակցող 2000է աւելի հիւրերը, մեզի համաձայն պիտի գտնուին, թէ [...]
December 12th, 2011
| Posted in Գրողի Անկիւն, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նարեկ Յարութիւնեանը (անոր մասին կարդալ էջ 9ի վրայ) կալանաւորելու եւ մինչ դատավարութիւն՝ երկու ամիսով զայն արգելափակուած պահելու որոշումը վրդովումով ընդունեցինք:
Վրդովեցանք, որովհետեւ խաբուած, անիրաւուած ներդրողներու պատմութիւններու շարանին այս վերջին դրուագը, սփիւռքահայ գործարար շրջանակներու արդէն իսկ անհանգիստ ու վերապահ տրամադրութիւնները քիչ մը աւելի պիտի խորացնէ:
Նարեկին ճանչցողները, որոնց թիւը բաւական մեծ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի [...]
December 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լրատու ցանցերէն մէկը կը հաղորդէր, թէ Ատրպէյճանի հաղորդակցութեան նախարար Զիա Մամետովի որդին՝ Անարը, Ուաշինկթընի մէջ հիմնած է «Ատրպէյճան-Ամերիկա Ալլայընս» անունով կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն է հակակշիռ ստեղծել մայրաքաղաքին մէջ հայկական ազդեցիկ ներկայութեան:
Մեր աղբիւրները կը յայտնեն, թէ «Ալլայընս»ը 2.4 միլիոն տոլարի պայմանագիր մը կնքած է Fabiani & Co.-ի հետ, որուն վստահած է լոպիիստական իր աշխատանքներուն [...]
December 9th, 2011
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 9th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ տարի Լոս Անճելըսի Դաշնակցային դատարանը երկու առանձին հայց ներկայացուցած է՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր երկու մեծ դրամատուներուն, 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք հայերէն գրաւուած կալուածներուն դիմաց փոխհատուցում պահանջելով:
Առաջինը խմբային հայց էր, որով կը պահանջուէր միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարներ՝ Թուրքիոյ հանրապետութենէն, «Ziraat» դրամատունէն եւ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունէն, որոնք անարդարօրէն հարստացած էին Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղահանուած եւ [...]
December 8th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընդվզում արտայայտող ճոխ բառամթերքի կարիք ունինք՝ բանաձեւելու համար այն զգացումը, զոր ունեցանք, ի տես Հայաստանի Ազգային ժողովի քուէարկութեան ամօթալի դրուագի մը:
Քուէարկութեան դրուած էր իշխանութեան համար կարեւորագոյն փաստաթուղթը՝ կառավարութեան պատրաստած 2012ի պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի դառնայ գալիք տարուան գործունէութեան շարժիչ մեքենան:
Նախ անհասկնալի էր, թէ այդ կարեւոր քուէարկութեան համար կառավարութիւնը ինչպէ՞ս չէր կրցած ապահովել պատգամաւորներու մեծ [...]
December 8th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երիտասարդ պատմաբան մը, Քալիֆորնիոյ համալսարաններու Տէյվիսի մասնաճիւղի մէջ դասաւանդող Քէյթ Տէյվիտ Ուաթընփաու, իր պարկեշտ գիտական մօտեցումին պատճառով թիրախ դարձած է թուրք ամերիկացիներու ընկերակցութեան յարձակումներուն:
«Եու.Սի.Էլ.Էյ.»էն իր տոքթորական վկայականը ստացած պատմաբանը, որ ժամանակակից իսլամ եւ մարդկային իրաւունքներ կը դասաւանդէ Տէյվիսի համալսարանին մէջ, յանդգնած էր իր մէկ յօդուածին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչել:
Արդարեւ, մարդասիրական միջազգային օժանդակութեանց [...]
December 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական կեանքի մէջ, անցեալի դրամագլուխը նկատի կ՛առնուի եւ արժէք կ՛ունենայ այն չափով, որքանով ժամանակին ու կեանքին հետ քայլ կը պահէ, կը գործարկուի եւ կը վերանորոգուի՝ նորովի արժէքներ ստեղծելով։
Անցեալը անկասկած դրամագլուխ է եւ արտասովոր չէ, որ անհատի մը կամ հասարակական միաւորի մը տեղն ու արժէքը կը չափուին անոր ունեցած կենսափորձով, դրսեւորած [...]
December 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«ԵՐԿԻՐ»
Ռուսաստանի Պետդումայի ընտրութիւններում իշխանական կուսակցութիւնը, չնայած սպասելիքներին, չկարողացաւ ստանալ ընտրողների ձայների մեծամասնութիւնը՝ չնայած ներդրել էր ողջ պետական-վարչական հսկայական ռեսուրսը (հնարաւորութիւնները-Խմբ.):
Տեղի ունեցածը, առաջին հերթին, ընտրողի կողմից սեփական քուէին տէր կանգնելու համոզմունքով ընտրութեան գնալու արտայայտութիւն էր: Ռուսաստանեան ընտրողը ցոյց տուեց, որ ինքը չի ուզում վերադարձ դէպի միակուսակցական, ամբողջատիրական համակարգ, եւ (վարչապետ Փութինի գլխաւորած կուսակցութիւնը-Խմբ.) «Եդինայա Ռոսիա»ին զրկուեց [...]
December 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Դեկտեմբեր 03-04 2011ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու միջ-մարմնական խորհրդաժողովը:
Ժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրօն ներկայացուց իր գործունէութեան հնգամսեայ ամփոփ տեղեկագիրը, որուն մէջ տեղ գտած էր յաջորդ քառամեակի կ՛ուսակցութեան գործունէութեան ծրագիրը՝ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ:
Կազմակերպական հարցերու կողքին մանրամասն կերպով քննուեցան Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը, երկրի ընկերա-տնտեսական կացութինը, յաջորդ գարնան տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն հետ [...]
December 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հիւսթընի համաշխարհային հարցերու խորհուրդը (World affairs council) այս տարեշրջանի իր գործունէութեանց շարքին, իր անդամներուն համար կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Հայաստան:
Կազմակերպութեան կայքէջին (http://www.wachouston.org) վրայ դրուած են շրջապտոյտի մասնակիցներուն վկայութիւնները՝ Հայաստանի տեսարժան վայրերու քանի մը նկարներով: Յայտնի է, որ այս այցելութիւնը մեծապէս ոգեւորած է Խորհուրդի պատասխանատուները՝ զանոնք մղելով, որ յառաջիկայ տարի, Յունիսին, նոր շրջապտոյտ մը [...]
December 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 2nd, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երկու օր առաջ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ բաւական անյարմար պահ մը ստեղծուած էր, երբ նիստը ղեկավարող, Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ակնառու անդամներէն Սամուէլ Նիկոյեան, անվայել կերպով յանդիմանեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ պատգամաւորը, որուն հետեւեցաւ երկու պատգամաւորներուն միջեւ անպատշաճ լեզուով վիճաբանութիւն մը (լուրը տեսնել այսօրուան «Ասպարէզ»ի էջ 10ի վրայ):
Ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներու խորհրդարաններն իսկ զերծ [...]
December 1st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ մեծ խառնաշփոթ ստեղծուեցաւ թուրք հասարակութեան մօտ, երբ վարչապետ Էրտողան անսպասելիօրէն ներողութիւն խնդրեց 1930ական թուականներուն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար, որոնց մասին մինչ օրս արգիլուած էր խօսիլ:
Քիւրտերու կոտորածներուն եւ Հայերու Ցեղասպանութեան միջեւ քանի մը բացայայտ նմանութիւններ կան: Ապստամբութիւնը ճնշելու քօղին տակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Քեմալ Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ, հրամայեց սպաննել եւ տեղահան ընել [...]
December 1st, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպեճանական դիւանագիտութիւնը յայտնապէս խանդավառուած է ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու խոստացած՝ հակամարտութեան կարգաւորման այսպէս կոչուած՝ նոր մարտավարութեամբ:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչի փոփոխութեան հետ նոր մարտավարութեան մասին փսփսուքները, Ատրպէյճանի պատասխանատուներուն ականջին աւելի շուտ հասած են, կարծես, քան՝ հայկական կողմին:
Յամենայնդէպս, թէ՛ Փաշազատէի Հայաստան այցելութիւնը, որ մինչեւ վերջին պահը հարցականի տակ էր, եւ թէ իրարու յաջորդող՝ Ղարաբաղցի հայ եւ ազերի բնակչութեան [...]
November 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս գրականութեան եւ արուեստներու մէջ, նոյնպէս եւ ազգային–հասարակական մտածողութեան մակարդակին, համաշխարհայնացման նորօրեայ խառնաշփոթը վտանգած է ըադհանրապէս իրաւ արժէքները։
Նորահաս եւ ազգային յիշողութիւն չունեցող մտածողը հրապարակ կ՛իջնէ տոն–քիշոթեան այն յաւակնութեամբ, որ ամէն ինչ իրմով կը սկսի եւ իրմով պէտք է իր վախճանին յանգի։
Կը բաւէ մօտէն հետեւիլ հայ քաղաքական մտքի համացանցային ցուցասրահներուն, տեսնելու եւ հաստատելու համար, որ [...]
November 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի բարեկամներուն կ՛առաջարկեմ, կամ աւելի ճիշդը՝ կը խնդրեմ, որ իրենց ընկերական կամ ընտանեկան միջավայրին մէջ, յառաջիկայ օրերուն, գոնէ մէկ անգամ իրենց շրջապատին դիմեն՝ ըսելով.
«Ես այսպէս, այս կարգավիճակով, այս տարողութեամբ կը մասնակցիմ մեր համայնքի կեանքին, իրադարձութիւններուն, իսկ դո՞ւն»:
Անձնական օրինակը ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկն է՝ քեզի համար կարեւոր նկատուող ձեռնարկներուն զօրակցողներ հաւաքագրելու համար: Մեր ամէնօրեայ հեւքին [...]
November 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մեհմետ Պարլաս, «Սապահ»ի մէջ վերեւը նշուած խորագիրին ներքեւ, նախ կ՛անդրադառնայ Տերսիմի մէջ քիւրտերու դէմ գործադրուած սպանդներու նիւթին, ապա կը գրէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի այն արտայայտութեան մասին, ուր վերջինս վարչապետ Էրտողանի մտայնութիւնը կը նմանցնէր հայկական Սփիւռքի մտայնութեան: «Եթէ մեր վարչապետը Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումները մեզի ալ պարտադրէ, չեմ զարմանար», ըսած էր ան։ [...]
November 28th, 2011
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
-2-
ՏԵՂԱԿԱՆ ԳԱՐԵՋՈՒՐ
Ամերիկայի մէջ ալ յաճախ հարց կ՛ունենամ տեղական թարմ գարեջուրի արժանիքները բարեկամներուս բացատրելու մէջ։ Հիմա հարց պիտի դրուի, թէ ինչո՞ւ այս «թերս»ութիւնները միշտ ինծի կը պատահին։
Վստահօրէն, տարբեր տարիքի ու ասպարէզներու հայ այցելուներուն ալ նոյն դիպուածները կը պատահին հայրենիք իրենց այցելութիւններուն ընթացքին, սակայն անոնք փիլիսոփայօրէն մօտենալով քիմքի կամ խմիչքի հետ առնչուող հարցերուն՝ կա՛մ կը լռեն, [...]
November 28th, 2011
| Posted in Գրողի Անկիւն, Սիւնակներ | Read More »
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»
Արտագաղթի պատճառների մասին վերջերս շատ է խօսւում:
Երէկուայ (Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր) հանրահաւաքին հետեւելիս՝ ակամայից մտածեցի, որ արտագաղթի պատճառներից մէկն էլ թերեւս ընդդիմութիւնն է: Այո, այո: Իր կեանքի մակարդակից եւ իշխանութիւնից դժգոհ մարդը յոյս է կապում ընդդիմութեան հետ, կանգնում նրա կողքին, քուէարկում նրա օգտին, ապա, իրեն վտանգելով՝ գնում հանրահաւաքների ու բողոքի ակցիաների:
Ցրտին ու շոգին, ամրանն ու ձմրանը: [...]
November 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը Սուրիոյ իշխանութիւնները դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ անոնց ծաւալած ութամսեայ արշաւին համար։
Որոշումը որդեգրուեցաւ 122 թեր, 13 դէմ եւ 41 ձեռնպահ քուէներով։ Որոշումին թեր քուէարկած երկիրներուն շարքին են Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Մարոքը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը։
Իր կարգին, Ռուսիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով դէմ արտայայտուեցաւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Առաջին հայեացքով, միայն դրուատելի կը թուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիպ Էրտողանի կողմէ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ պետութեան անունով ներողութիւն կը խնդրէ Տերսիմի մէջ 1936-39 տարիներուն տեղի ունեցած կոտորածներուն համար:
Սակայն, հարցին յաւելեալ քննարկումը ցոյց կու տայ, թէ իր երկիրին պատմութեան նկատմամբ Էրտողանի ցուցաբերած «լայնախոհութիւնը», պարզապէս քաղաքական շահեր կը հետապնդէ՝ նեղմտօրէն:
Արդարեւ, Էրտողան ներողութիւն [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տերսիմի քիւրտ եւ ալաուի բնակչութիւնը թրքական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ցեղասպանութեան ենթարկուած է, ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը աշխարհին առջեւ պատասխանատու է մարդկութեան դէմ գործած իր այդ արարքին համար:
Վարչապետ Էրտողան, խոստովանելով հանդերձ Թուրքիոյ պետութեան մեղքը «Տերսիմի ջարդերուն» մէջ՝ նախ փորձեց անոր տարողութիւնը նսեմացնել, ապա յանցագործութեան պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը վերագրել այդ ժամանակաշրջանի կառավարութեան գլուխը կանգնած իշխող կուսակցութեան:
Որքա՛ն ալ [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ակնբախ է, որ Հայաստան–Սփիւռք կամուրջներու հաստատման եւ ամրապնդման հետ, հայ քաղաքական միտքը կը դիմագրաւէ լեզուամտածողութեան մերձեցման եւ գաղափարական հաղորդակցութեան լուրջ դժուարութիւն։
Երբեմն նոյնիսկ խուլերու խօսակցութեան յանգող այդ դժուարութիւնը հետեւանք է մէկ կողմէ «խորհրդահայ դարաշրջանէն» յամեցող կարծրատիպերուն, իսկ միւս կողմէ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի կտրուկ հասարակափոխութեան հետ շրջանառութեան մէջ մտած քաղաքական նորելուկ բառապաշարին։
Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի կամ հայրենականի եւ [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քանի մը շաբաթ ետք, երբ թրքական մեծածախս լոպիիստական ընկերութիւնները ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացնեն իրենց պարտադիր հաշուետուութիւնները, կարեւոր բացայայտումներ պիտի կատարուին իրենց ծածուկ գործունէութեան վերաբերեալ, որով կը փորձեն Քոնկրեսին միջոցով վաւերացնել այնպիսի օրինագիծ, որ թրքական ընկերութիւններուն կը շնորհէ Ամերիկայի հնդիկ ցեղերուն պատկանող հողերուն մէջ ներդրումներ կատարելու մենաշնորհեալ դիրք:
Այս հաշուետուութիւնները պիտի բացայայտեն այն անձանց ինքնութիւնը, որոնք [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաղը Գոհաբանութեան օր է, ու տեղւոյն սովորութիւնը սիրով ընկալելով՝ մենք ալ հայրական օճախներու մէջ պիտի հաւաքենք մեր ընտանիքները ու միասնաբար գնահատենք անցած տարին՝ իր բերած բարիքներով, յոյսերով, ձախողութիւններով կամ յուսախաբութիւններով:
Վաղը, ընթրիքի սեղաններու շուրջ մենք զիրար պիտի շնորհաւորենք մեր յաջողութիւններուն համար, եւ զօրակցելու ու աջակցելու խոստումներ պիտի տանք մեր նուազ բախտաւոր ազգականներուն՝ յոյս ներշնչելով անոնց:
Վաղը, [...]
November 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ինչպէս արդէն խորագիրս կը թելադրէ, հայրենի տպաւորութիւններուս հինգերորդ եւ վերջին գլուխը՝ իր ենթաբաժանումներով, հայրենաբնակ հայուն կենցաղային առօրեայ հոգսերուն եւ մտահոգութիւններուն պիտի յատկացնեմ եւ կը խոստանամ այդ մէկը կատարել առանց նախապաշարումի, ինչպէս վայել է հայրենիքի յառաջդիմութեամբ մտահոգ ոեւէ հայու:
Սփիւռքահայ այն մտաւորականները եւ հանրային դէմքերը, որոնք հայրենիք կ՛այցելեն ծափահարուելու ու գնահատուելու ակնկալութիւններով, այդպիսիները յաճախ իրենց կրաւորականութեամբ, [...]
November 21st, 2011
| Posted in Գրողի Անկիւն, Սիւնակներ | Read More »
ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի ելոյթը՝ «Հեռուստամարաթոն-2011»ի առիթով Կիրակի, 20 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցած ճաշկերոյթի ընթացքին.
Սիրելի հայրենակիցներ,
Թանկագին քոյրեր ու եղբայրներ,
Ուրախ եմ, որ կրկին առիթ ունեմ հանդիպել ձեզ հետ եւ հաղորդել արցախցիների ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները:
Նաեւ ուզում եմ խորին երախտագիտութիւն յայտնել արդէն աւանդական դարձած այս հանդիպման կազմակերպիչներին, ձեզ բոլորիդ, Սփիւռքի մեր հայրենակիցներին՝ [...]
November 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ցեղասպանութեան հարցը մասնագիտական, կամ պատմագիտական «քննարկման» նիւթ դարձնելու թրքական կառավարութեան մարտավարութիւնը, որ ըստ էութեան, տարբեր է բացարձակ մերժումի անցեալի վարքագիծէն, յատկապէս օտար քաղաքական շրջանակներու կողմէ կրնայ նկատուիլ նոյնիսկ իբրեւ զիջում: Այս խաբուսիկ զիջողականութիւնը առաւել եւս վտանգաւոր կը դարձնէ թրքական ուրացման նոր մարտավարութիւնը, պարզ այն պատճառով, որ երրորդ կողմերուն համար իբրեւ տրամաբանական ելք մը կրնայ [...]
November 18th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
November 18th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Աւելի ճիշդը՝ ոսկերչութեան ու հայ ոսկերիչներու գործունէութեան նուիրուած յատուկ թիւ մը կը պատրաստուի «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ:
Թիւը բազմահազար տպաքանակով Քալիֆորնիահայ հանրութեան պիտի մատուցուի տօներէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Դեկտեմբեր 16ին:
Ոսկերչութիւնը իր ամէնէն լայն հասկացողութեամբ, խոր աւանդութիւններ ունի մեր մշակոյթին մէջ, թէ՛ իբրեւ արհեստ, թէ՛ իբրեւ արուեստ: Այս ասպարէզին մէջ իրենց վարպետութիւնը գերազանցօրէն դրսեւորած բազմաթիւ արհեստաւորներ եղած [...]
November 17th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախքան Ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հազարաւոր հայեր ապահովագրած էին իրենց կեանքը ամերիկեան եւ եւրոպական ընկերութիւններու մօտ, որպէսզի իրենց մահէն ետք իրենց ժառանգորդները դրամական հատուցում ստանան:
Ցաւօք, այս ընկերութիւններէն շատերը հրաժարեցեան իրենց գործարքը կատարելէ, երբ հայ ապահովագրեալները իրենց ընտանիքներով կոտորուեցան Ցեղասպանութեան ընթացքին: Շատ դէպքերու պարագային, ոչ մէկ ազգական ողջ մնացած էր, որպէսզի զոհերուն փոխարէն պահանջէր [...]
November 17th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Արդէն սկսած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Ան պիտի եզրափակուի Նոյեմբեր 24ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կազմակերպուող թելեթոնով։
Այս տարուան հասոյթը, նախորդին նման, պիտի յատկացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գիւղերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման ծրագիրներուն։
«Հայաստան» Հիմնադրամի նման համահայկական կառոյցները, անկախ իրենց հետապնդած անմիջական ու մասնագիտական նպատակէն, ունին խորհրդանշական խորունկ նշանակութիւն։ Անոնց գոյութիւնն [...]
November 16th, 2011
| Posted in Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »