Home » Օրը ՕրինYou are browsing entries filed in “Օրը Օրին”
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կան ծրագիրներ, որոնց մասին երբ կ՛իմանաս՝ ուղղակի կը խայտայ հոգիդ:
Այդ ծրագիրներէն վերջինը՝ «Արահետ Դէպի Հայաստան» նախաձեռնութիւնն է, որուն բացումը տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ, Երեւանի մէջ, «Դէպի Հայք» ծրագիրի ղեկավարներուն եւ մասնակիցներուն կողմէ:
«Դէպի Հայք»ի յաջող ընթացքին արդիւնքն է այս նոր ծրագիրը: Սփիւռքահայ երիտասարդները Հայաստանով հրապուրելու, հայրենի առօրեային մէջ մխրճելու, հողին վրայ աշխատելու, հայրենիքը [...]
May 23rd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ի վերջոյ, Սփիւռքի մէկ անկիւնը համայնք մըն է ընդամէնը Կլենտէյլի հայութիւն կոչուած հաւաքականութիւնը: Բայց տեսէք, թէ ի՛նչ խիզախութիւն կը ցուցաբերէ, ի՛նչ յանդգնութիւն՝ թէ՛ քաղաքական-հասարակական եւ թէ մշակութային ոլորտներու մէջ:
Տեղական ընտրութիւնները այնքան ալ հեռու անցեալ չեն, որ մոռնանք, թէ ինչպէ՛ս այս համայնքը կրցաւ տեղական ընտրութիւններուն պատուաբեր արդիւնք ապահովել՝ ընտրելով քաղաքապետական խորհուրդի երկու անդամներ, քաղաքի գանձապետ, [...]
May 22nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բնութիւնը միշտ ալ իր հրաշալիքներուն հետ մարդկութեան մատուցած է հրէշային հարուածներ: Մարդկութեան ծնունդը, հաւանաբար, այս հրէշայինի ու հրաշալիի մարտնչումներուն ընդմէջէն իրականացած է: Ուրեմն ի՞նչ. հաշտուի՞նք այս հետզհետէ առաւել ու առաւել աւերիչ, աւելի սարսափազդու ու մահացու աղէտներուն հետ:
Հարուստ երկիրներու պարագային, ինչպիսին են Ճափոնն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, աղէտներուն պատճառած վնասները վերացնելու միջոցներ կը յատկացուին, մերթ [...]
May 21st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՇՈՒՇԱՆ ԿԻՒՐԵՂԵԱՆ
«Ա.Պ.».- Շուշան Կիւրեղեանը Տիգրան Կիւրեղեանի դուստրն է: Իսկ ո՞վ է Տիգրան Կիւրեղեանը: Հայաստանի անկախացման տարիներու պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի քաղաքական-հասարակական այս գործիչը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ վերընձիւղման առաջին զինուորագրեալներէն էր, Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան առաջին խորհրդարանի՝ Գերագոյն Խորհուրդի ամէնէն երիտասարդ պատգամաւորը, Դաշնակցական առաջին պատգամաւորներէն (ընդհանուրը չորս պատգամաւոր) եւ տնտեսագէտ: Ան Էջմիածինի բնակիչ [...]
May 20th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ
Սփիւռքի դպրոցներու մէջ դադրեցուցած է թուաբանական, գիտական, պատմական, աշխարհագրական, կենսաբանական, սեռային, սիրային, գրականագիտական, փիլիսոփայական, աստուածաբանական, շինարարութեան մասին, երկրագործութեան մասին, արդիւնաբերութեան մասին, ճարտարարուեստի, արհեստագիտութեան, ելեկտրականութեան, բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, առասպելաբանութեան, կօշկակարութեան, հագուստեղէնի, նորաձեւութեան, գրենական պիտոյքներու, մեքենաներու, փոխադրամիջոցներու, նաւարկութեան, անկիւնը ծախուող քաղցրաւենիքի, դիցաբանութեան, մոլորակներու, մոլորակներու դիցաբանութեան, բնաշրջումի, ընկերային գիտութեանց, խտրականութեան, հաւասարութեան, ժողովրդավարութեան, բռնատիրութեան, հիւլէական ռումբերու, հիւլէներու, բջիջներու, [...]
May 17th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ոեւէ հայրենադարձի հետ երբ զրուցելու առիթ ստեղծուի, անխուսափելիօրէն անոր բերանէն ահաւոր պատմութիւններ պիտի լսես, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան-հայրենիք ապրելու իր բոլոր օրերուն, ան խտրական, արհամարհական, նոյնիսկ թշնամական վերաբերմունքի արժանացած է իր հարեւաններուն, գործակիցներուն եւ պետական-կուսակցական շրջանակներուն կողմէ: Հայրենադարձները արտագաղթի մղելու գործօններուն մէջ վստահաբար այս վերաբերմունքը իր կարեւոր տեղը կը գրաւէ:
Հիմա ալ, կարծես, նոյն պատմութիւնը կը [...]
May 16th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ Ուրբաթ օր, Երեւանէն Թիֆլիս ճանապարհին վրայ երկու երիտասարդներու՝ Ալէն Եկիկեանի եւ Սօսէ Թովմասեանի, կեանքի թելը դաժանօրէն կտրուեցաւ:
Լուրը ցնցեց հազարաւորնեու հոգիները՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի տարբեր գօտիներ: Մատաղ տարիքի զաւակ, հարազատ, ընկեր կորսնցնելու վիշտը կարելի չէ չափել, կարելի չէ համեմատել: Նոր ամուսնացած այս զոյգին դժխեմ ճակատագիրը, անոնց անհեթեթ մահը, սակայն, մարդկային կորուստ մը ողբալու ու [...]
May 15th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Դատի երիտասարդ գործիչներէն Արմէն Կարապետեանը հասարակական յանձնառու գործունէութեան (իր բառը, որ նաեւ Հայաստանի մէջ հայրենացած է՝ ակտիվիզմ) կարեւորութեան մասին ակնարկ մը գրած էր՝ քաղաքական յարաբերութիւններու դաշտ հրաւիրելով մեր հայրենակիցները, անմիջական իբրեւ աշխատանք ներկայացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ծրագիրներ:
«Ակտիվիստ»ը հասարակական գործիչն է, հասարակութիւնը յուզող հարցերու համար պայքարողը, հասարակութեան՝ ժողովուրդին շահերուն համար վազվզողը, աշխատողը:
Սփիւռքեան [...]
May 14th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ Շաբաթ երեկոյ, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Խաչքարին առջեւ հաւաքուած էինք, մեր սիրելի Ալէնի եւ Սօսէի յիշատակին մոմ մը վառելու համար:
Հաւաքին ընթացքին խօսք առին ու իրենց ցաւն ու վիշտը, քաղցր յիշատակները պատմեցին այս հրաշալի զոյգին ընկերները: Խօսք առնողներէն մէկը՝ Դաւիթը, Ալէնին եւ Սօսէին յիշատակը յաւերժացնելու հիմնադրամի մը մասին ակնարկեց: Այդ մասին, [...]
May 13th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հրաշալի հէքիաթի մը անհեթեթ, ողբերգական աւարտին լուրը հասաւ երէկ խմբագրութիւն: Արդէն իսկ սուգի մէջ էինք, մեր երիտասարդ ընկերներէն՝ նուիրեալ, արդէն կազմակերպական նկատելի վաստակ ունեցող, պատասխանատու դիրքերու հասած, բայց միշտ համեստ, միշտ աշխատանքի ու գործի պատրաստ Պետիկ Թաշճեանի մահուան լուրը նոր առած էինք, երբ եկաւ երկրորդ հարուածը. Լոռիի ճանապարհին, դէպի Վրաստան մեկնումի ժամանակ, մեր Ալէնը, [...]
May 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ տօն էր հայութեան համար: Շուշիի Ազատագրութեան տօնն էր, որ մեր ռազմական ամէնէն փառահեղ իրագործումներէն մէկն է, անկասկա՛ծ:
Երէկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ոչ աշխատանքային օր էր, արձակուրդ:
Երէկ, մենք, այստեղ, ինչպէս եւ Լոս Անճելըսի մէջ ազգային այլ հաստատութիւններու պաշտօնեաները, աշխատեցանք սովորական օրուան նման:
«Ասպարէզ»ի աշխատողները այսպիսի օրերու կը գտնեն հնարը՝ ինքնուրոյն տօնելու, նշելու յաղթանակը կամ ազգային [...]
May 9th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կը փառաւորենք արժանաւորները՝ Շուշին ազատագրողները, Արցախեան Ազատամարտի հերոսները, բոլոր ազատամարտիկները, Հայոց բանակը, ազգին հերոսներ պարգեւող հայ մայրերը: Կը փառաւորենք ամէն օր:
Փառաւորելով՝ մեր սրտին պարտքը կու տանք, պարտք մը, որ երբե՛ք կարելի չէ լրիւ հատուցել, պարտք մը, որուն տակէն դուրս գալու համար հերոսներն ու հերոսականը փառաւորելէն շա՛տ աւելին պէտք է ընել, պէտք է աշխատիլ, անդուլ [...]
May 8th, 2013
| Posted in Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոլիվուտի Հիւսիսային շրջանէն մինչեւ Ուեսթ Հիլզ, Էնսինոյէն մինչեւ Կրանատա Հիլզ… Հսկայական տարածութիւն, ուր բնակութիւն հաստատած են տասնեակ հազարաւոր հայ ընտանիքներ եւ ուր կը գործեն բազմաթիւ միութիւններ, ամէնօրեայ հայ վարժարաններ, եկեղեցիներ, հայերու պատկանող ձեռնարկութիւններ:
Մենք մեր տրամադրութեան տակ ունինք Սան Ֆերնանտօ հովիտ եւ անոր անմիջական հարեւանութեամբ բնակող ութ հազար հայերու հասցէներ, ունինք այդ տարածքին մէջ գործող [...]
May 7th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման համայնքային միացեալ մարմինը անցեալ Հինգշաբթի երեկոյ գումարեց Ապրիլեան ձեռնարկներուն յաջորդող իր առաջին ժողովը՝ գլխաւոր օրակարգ ունենալով իր կազմակերպած միջոցառումներուն գնահատականը:
Իբրեւ հիւր մասնակցելով սոյն ժողովին՝ պէտք է ըսեմ, որ դրական տպաւորութիւն թողուց վրաս այն փաստը, որ հաւաքուողները՝ յիսունէ աւելի տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ, ոչ միայն քաղաքավար յարաբերութեան մէջ էին, այլ որոշ կերպով ջերմօրէն [...]
May 3rd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ն ալ օրհնուած է, փա՜ռք Աստուծոյ: Ի վերջոյ՝ 105 տարի անխափան լոյս տեսնել միջավայրի մը մէջ, ուր հակացուցուած է այսպիսի երկարակեցութիւն, ուր հայկական ու հայկականութեան տեսակէտէն՝ օրէնքը նահանջն է, ետքայլը, ամփոփուիլը, կծկուիլը:
Խօսքը կը վերաբերի մեր ժողովուրդին ծառայելու ասպարէզին, ասպարէզներուն, խօսքը կը վերաբերի այն բոլոր պաշտօններուն, որոնց վրայ գտնուողը, բացի իր նիւթական վարձատրութենէն (քիչ թէ [...]
May 2nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կլենտէյլը քոյր քաղաք է Կապանին: Կլենտէյլի մէջ կը գործէ «Կլենտէյլ-Կապան» քոյր քաղաք կազմակերպութիւնը, որ անցեալին բաւական աշխատանք տարած է Զանգեզուրի սիրտին մէջ բազմած այս պատմական ոստանին մէջ՝ նիւթական եւ բարոյական ահագին նեցուկ ապահովելով շրջանի բնակչութեան. պաշտօնական պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններ, ծրագիրներու մշակում, անոնց գործադրութեան վերահսկում… անցեալին այս բոլոր իրադարձութիւններուն արձագանգած է «Ասպարէզ»:
Կլենտէյլի հայ համայնքի ուժին [...]
May 1st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ու խոստումին: Մանաւանդ, երբ հասարակական պատասխանատուութիւն ստանձնած մարդիկ ենք՝ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, ազգային կառոյցներու ղեկավար գործիչներ:
Գիտենք, որ մեր համայնքներուն ու ազգին դիմագրաւած խնդիրները բազում են ու շատերը, շատ շատերը բարդ են, գրեթէ՝ անյաղթահարելի: Հեգնականօրէն, խնդիրներու կարեւորութիւնը ուղիղ կը համեմատի անոնց անյաղթահարելիութեան աստիճանին հետ:
Մեր իրականութեան մէջ, սակայն, որքա՛ն անյաղթահարելի նկատուին դժուարութիւնները, այնքա՛ն թունդ կ՛ըլլայ մեր խօսքը, [...]
April 30th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այո՛, «Ասպարէզ» կ՛ուզէ ոստումներով յառաջընթաց արձանագրել: Յառաջընթաց՝ մամուլի վերապահուած, անոր առաքելութեան ու ծառայութեան վերաբերող բոլոր յատկանիշերով:
«Եթէ կ՛ուզէ, թող ցատկէ՛», պիտի ըսէր այսպիսի արտայայտութիւններ ծաղրելու հակամէտ, թերահաւատ, յոռետես դիտորդը, կամ քննական ակնոցները դրած՝ խստապահանջ չափանիշեր պահանջող ընթերցողը:
Ես ալ համաձայն կ՛ըլլայի այս դիտորդներուն, եթէ անոնք ոչ մէկ ճիգ նկատէին թերթի աշխատակազմին կողմէ՝ բարելաւելու թէ՛ լրատուական ծառայութիւնը, [...]
April 29th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկուան թիւով «Ասպարէզ» հրատարակեց Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն միացեալ յայտարարութիւնը, որ, մեր կարծիքով, խիստ ծանրակշիռ փաստաթուղթ մըն է, որ պիտի ծառայէ պարզապէս որպէս ազդանշան հետագայ առաւել գործնական շարք մը քայլերու:
Անձնական կարծիքով՝ կաթողիկոսներուն յայտարարութիւնը կարիք չունէր ամբողջ Հայկական հարցի պահանջատիրական բանաձեւումները ներառնելու, այլ կրնար բաւարարուիլ յստակ խնդիր դնելով Թուրքիոյ առաջ՝ վերադարձնել բռնագրաւուած [...]
April 26th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Աշխարհի բոլոր ծագերուն, Ապրիլեան ոգեկոչական անհամար ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան այս օրերուն: Եթէ ուզենք բոլոր այս ձեռնարկներուն տեղեկագրութիւնը փոխանցել մեր ընթերցողներուն, ապա պէտք է առնուազն յառաջիկայ երկու շաբաթներուն, օրական տասնեակներով էջեր յատկացնել անոնց:
Հաստատ է, որ ոգեկոչական ձեռնարկներու աշխարհագրութիւնը ընդարձակուած է: Հայաստանէն արտագաղթին պատճառով ստեղծուած նոր գաղութներն ու նոր համայնքները արդէն իսկ հասնելով կազմակերպուածութեան որոշ աստիճանի [...]
April 22nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մոնթեպելլոյի մեր համայնքը Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական իրականութեան մէջ ունի իր կարեւոր տեղը:
Այս համայնքը օժտուած է մեր վերապրումի, դիմադրականութեան ուժեղ բոլոր ամրոցներով՝ դպրոցով (Ազգ. Մեսրոպեան ամէնօրեայ վարժարան), եկեղեցիով (Ս. Խաչ Մայր տաճար), Հայ կեդրոնով, մշակութային, բարեգործական, մարզական, երիտասարդական միութիւններով ու Հայ Դատի յանձնախումբով:
Տարին, առնուազն մէկ օր, համայն հայութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Մոնթեպելլոյի հայ համայնքի ճիգերով [...]
April 19th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօրուան «Ասպարէզ»ի վերջին էջին վրայ պիտի գտնէք ծանուցում մը, որուն վերի մասը Ապրիլ 24ին հաստատութիւններն ու խանութները փակ պահելու յայտարարութիւն է: Կ՛առաջարկենք այդ էջը պատռել եւ ձեր հաստատութեան կամ խանութի դրան փակցնել: Նոյն յայտարարութեան գունաւոր տարբերակը կարելի է ապահովել «Ասպարէզ»էն կամ հայ կեդրոններէն:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն հանդէս եկած էր յատուկ յայտարարութեամբ [...]
April 18th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կլենտելաբնակ հայուհի մը խմբագրատուն հեռաձայնեց՝ ահազանգելու համար, որ սպառնական բնոյթով ծրար մը ստացած է, պարզ այն պատճառով, որ Ցեղասպանութեան տարելիցին առթիւ իր տան մուտքին Եռագոյն դրօշ պարզած է: Այսինքն՝ որ իր հայկական ինքնութիւնը հրապարակելու չէ վախցած:
- Ի՞նչ պէտք է ընեմ,- հարց տուաւ այս քաջարի տիկինը, որ իր ընտանիքի ապահովութեամբ մտահոգուած ըլլալով հանդերձ, չ՛ուզեր ենթարկուիլ [...]
April 17th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Երեսուն տարի առաջ այս օրը, ազգային հերոս Շահէն Մեղրեան, որ կը ղեկավարէր Եղնիկներու յանդուգն գործողութիւնները՝ թշնամիին հարուածելով թիկունքէն, ուղղաթիռով Հայաստան թռչելու պահուն, թիրախ դարձաւ ազերիական հրթիռին, որ ջախջախեց ուղղաթիռը՝ սպաննելով քառարի հրամանատարն ու իր զինակիցները: Կարդանք, յիշենք զինք ու իր նահատակ զինակիցները, յիշենք մեր բոլոր նահատակուած ազատամարտիկները, տէր կանգնինք մեր վերապրող ազատամարտիկներուն:
Շահէն Մեղրեանը ծնուել [...]
April 16th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վստահ եմ, որ այս հարցումը կը չարչրկէ շատ-շատերու միտքը. ինչո՞ւ ամէն տարի Ապրիլ 24ին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին շուրջ անկարելի կ՛ըլլայ իրականացնել բազմահազարանոց հաւաքներ:
Եթէ այն տասը հազարը, որ վերջին տարիներուն կարգապահութեամբ կը հաւաքուի Հոլիվուտ, ունի իր բացատրութիւնը, թէ ինք այդ հաւաքին մասնակցելով՝ նահատակներու յիշատակը բաւարար յարգած է ու այլեւս Յուշարձան հասնելու կարիք չունի, ապա ո՞ւր [...]
April 15th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յուսահատիլը: Ներելի չէ՛ թեւաթափ ըլլալ ու մէկ կողմ քաշուիլ: Ներելի չէ՝ հասարակական ոեւէ գործիչի համար, ի՛նչ քաղաքական հայեացք ալ ունենայ ան, անշուշտ՝ ընդդիմադիր դիրքերէ:
Ներելի չէ՛ կազմակերպուած որեւէ ուժի, կառոյցի համար, յատկապէս՝ ընդդիմադիր դիրքեր գրաւող: Ներելի չէ նաեւ ինքնախարազանումով, մեղք ընդունելով՝ արդարանալ փորձել:
Հիմա պէտք է ուժերը լարելով, ուղեղները բռնկեցնելով, կազմակերպական հնարաւորութիւնները ամէնէն արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելով՝ [...]
April 11th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
Ապրիլի 9ին Երեւանի կենտրոնում տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ի յայտ բերեցին իրողութիւններ, որոնք ակնյայտ են դարձնում թէ՛ բացասական եւ թէ՛ դրական յստակ միտումներ: Նախ՝ Ապրիլի 9ին վերջնականապէս պարզ դարձաւ, որ ոչ թէ շարժումն է Րաֆֆի Յովհաննիսեանինը, այլ Յովհաննիսեանն է շարժմանը՝ բառի բուն իմաստով:
Այդ օրը Ազատութեան հրապարակում Յովհաննիսեանն առաջնորդւում էր ոչ թէ իր պլանով (ծրագիրով-Խմբ.), ոչ [...]
April 10th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ոստիկանական բռնութիւններ, հրմշտուք, ձերբակալութիւններ, արիւնլուայ ցուցարարներ… այս բոլորը Ապրիլ 9ի իրադարձութիւններու արձանագրութեանց մաս կազմեցին:
Երկու երդում. մէկը՝ պաշտօնական, միջազգային քաղաքական ներկայացուցիչներու առջեւ, միւսը՝ «Ազատութեան» հրապարակին վրայ, առաջինը մերժող ու երդուեալին հրաժարականը պահանջող:
Րաֆֆին պէտք է գնահատել, որ ի գին քաղաքական վարկի մեծ կորուստի, վճռականօրէն պահպանեց բախումներէ ու արիւնահեղութենէ խուսափելու իր մարտավարութիւնը:
Րաֆֆին, սակայն, յայտնապէս մեծ դժուարութեան մատնուեցաւ [...]
April 9th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Պատգամաւորական խմբակցութիւնը երէկ՝ Երկուշաբթի, 8 Ապրիլին, հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ.
Երկրում արդարութեան հաստատմանը, քաղաքացու ազատ ապրելուն, աշխատելուն եւ արարելուն ուղղուած խոչընդոտները, ահագնացող աղքատութիւնն ու սոցիալական բեւեռացումը, սպառնալի ծաւալների հասնող արտագաղթը, բաւարար վստահութիւն չներշնչող ընտրական եւ միահեծան նախագահական համակարգերը խարխլում են ապագայի նկատմամբ հաւատն ու վստահութիւնը, ջլատում ազգային միասնութիւնը եւ թուլացնում հայոց պետականութիւնը:
Այս [...]
April 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ապրիլ 9ին, Ազատութեան հրապարակը եթէ մէկ միլիոն մարդ հաւաքուի, եթէ հանրապետութեան բնակչութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը ողողէ Երեւանի կեդրոնական թաղամասերը ու մէկ պոչով նոյնիսկ հասնի նախագահական նստավայր, իշխանափոխութեան պայքարը կրնայ թափ ստանալ ու ամէն օր անակնկալ զարգացումներու հնարաւորութիւն ստեղծել:
Ազատութեան Հրապարակ հասնելու համար շրջաններու կամ մայրքաղաքի արուարձաններու բնակչութեան դիմաց ճամբաները փակելու պարագային՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի [...]
April 5th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գլխացաւ պատճառողներէն ձերբազատելու, կեղծիքի ու անարդարութեան դէմ աղմկարար պայքար տանողները լրեցնելու դատապարտելի գործելաոճ մը կայ Հայաստանի մէջ: Այս գործելաոճը
յաճախ այնքա՛ն արդիւնաւէտ կ՛օգտագործուի, որ հանրութիւնը նոյնիսկ չ՛իմանար անոր մասին: Ենթակաները, աղմկարարները կը լրեն, հարցերը կը փակուին, զգայացունց զանցումները կը մտնեն մոռացութեան վերապահուած թղթածրարներու մէջ:
Այս նոյն ծանօթ ձեռագիրը Հայաստանի Դատախազութեան Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ փորձուեցաւ կիրարկուիլ [...]
April 4th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընտրապայքարի նոր որակ մը դրսեւորեց Կլենտէյլի հայութիւնը, որակ մը, որուն առաջին արդիւնքն է, զոր քաղեցինք անցեալ Երեքշաբթի օրուան քաղաքային ընտրութիւններուն:
Այս որակի դրսեւորման մէջ իրենց փառաւոր դերը կատարեցին առաջին հերթին հայ քաղաքացիները, որոնք ցոյց տուին վիճակը սթափ գնահատելու, առաջնահերթութիւնները ճիշդ դասակարգելու եւ ըստ այնմ կողմնորոշուելու հրաշալի գիտակցութիւնը:
Այսորակի դրսեւորման մէջ իր կարեւոր դերը կատարեց համայնքի եւ [...]
April 3rd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս կարգախօսը, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ընտրապայքարի նշանաբանն էր, չենք կրնար կուսակցական մօտեցումներով գնահատականներու ենթարկել: Ապահովութեան հարցը՝ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին սպառնալիքներու տեսակէտէն՝ համայն ազգի մտահոգութեան կիզակէտն է:
Հայոց պետականութեան վերականգնման երկունքի օրերուն, հակառակ հազար ու մէկ փորձութիւններու, հակառակ երկար տարիներ պետականութենէ զուրկ ժողովուրդ ըլլալու անփորձութեան, հայկական քաղաքական ուժերը, գործիչները ու ընդհանրապէս լայն զանգուածները յստակ [...]
April 2nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Րաֆֆի Յովհաննիսեանի որոշումը՝ հացադուլը դադարեցնելու մասին, ուրախալի լուր է: Ոչ մի նորմալ մարդ չի ցանկանում, որ որեւէ մէկը իրեն միտումնաւոր կերպով վնաս տայ եւ փչացնի իր առողջութիւնը:
Նժդեհականները, առաջին հերթին՝ Գալուստ Սահակեանը, ասում են՝ «չենք ուզում, որ տուժի որեւէ հայ մարդ»: Բայց ես, ազգային պահպանողական չլինելով, առողջութեան հետ կապուած իմ ցանկութիւնը տարածում եմ երկրագնդի բոլոր [...]
April 1st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քաղաքական պայքարը շարունակելու, զայն նոր որակով յառաջ տանելու ակնկալութեամբ կ՛ողջունենք Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հացադուլը դադրեցնելու որոշումը:
Հացադուլը, իբրեւ պայքարի միջոց, Րաֆֆիին կամ աւելի ճիշդը՝ ժողովրդային շարժումին համար նպաստաւոր եղա՞ւ, թէ՝ այս քսան օրերուն կազմակերպուելու, բանակցելու, գործողութիւններու ծրագիր մշակելու համար այնքա՛ն անհրաժեշտ ժամանակի կորուստ:
Յամենայնդէպս, մէկ բան յստակ է, որ կայ ժողովրդային շարժումը նպատակասլաց ուժգնութեամբ յառաջ տանելու ընդգծուած [...]
March 29th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահական ընտրութիւններէն ետք ծնունդ առած ժողովրդային շարժումով ոգեւորուեցանք ու անկախ ամէն ինչէ՝ տակաւին ոգեւորուած կը մնանք:
Ի՞նչ կը նշանակէ «անկախ ամէն ինչէ», պիտի հարցնէ ընթերցողը: Առաւել եւս, շարժումին համակիր ընթերցողը այս հարցադրումը պիտի կատարէ՝ կասկածի ենթարկելով իմ յանձնառութիւնս, համոզումս ժողովրդային շարժման յաղթանակին հանդէպ՝ տկարութիւն ու տատանում տեսնելով մէջս:
Բացարձակապէս չեմ ուզեր դոյզն չափով իսկ ստուերել շարժումը, [...]
March 28th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր չորրորդ անգամն ըլլալով կը ներկայանանք Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի հայութեան՝ տասը հազար տպաքանակով: Կը ներկայանանք, աւելի ճիշդը՝ կը վերաներկայանանք «Ասպարէզ»ի նախկին հազար բաժանորդներուն
(թղթատարով), որոնք անցեալին ամէն օր ստացած են թերթը, սակայն որոշ պատճառներով դադրեցուցած են անդամագրութիւնը: Այժմ անոնց կ՛առաջարկենք վերստին բաժանորդ դառնալ, յատուկ զեղչով վերադառնալ: Կը ներկայանանք հանրային պարտէզներու մէջ զբօսնողներուն, հայկական խանութներու յաճախորդներուն, [...]
March 27th, 2013
| Posted in Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բաց նիստեր, բաց խորհրդակցութիւն, բաց բանակցութիւններ, բացարձակ թափանցիկութիւն… ասոնք ողջունելի նորութիւններ են, որոնք ներդաշնակ են ժողովրդային շարժումի էութեան հետ եւ իրենց քարոզչական արժէքին հետ կը բերեն բազմութիւնները պայքարի գործընթացին մէջ ներգրաւելու օգտակարութիւնը:
Թափանցիկ գործելակերպը, սակայն, իսկապէս կը պահանջէ բացարձակութիւն, մանաւա՛նդ, երբ կ՛օգտագործուի իբրեւ քաղաքական պայքարի միջոց, իբրեւ փակ աշխատելաձեւին ու անոր առնչուող հաշուենկատ մօտեցումներուն հակադրուող [...]
March 26th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Րաֆֆիին պատասխանելու քայլը նոր կացութիւն ստեղծած է Հայաստանի իրականութեան մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններու կարեւոր թիւ մը նախագահին քայլը ինքնին դրական գնահատած է՝ զայն նկատելով իշխանութեան կողմէ զիջման պատրաստակամութեան արտայայտութիւն:
Այլ մեկնաբաններ, յատկապէս՝ «Երկիր»ի մէջ լոյս տեսած վերլուծում մը նախագահին քայլը կը նկատէ Րաֆֆիին «արժանապատիւ պարտութեան առաջարկ», այսինքն՝ զայն այսպէս կոչուած փակուղիէն դուրս բերելու [...]
March 25th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Անհատներ կան, որոնք ապրում են եւ նշանաւոր են միայն նրանով, որ մի բարձր պաշտօն ունեն կամ աստիճան: Առէք նրանցից էդ պաշտօնը կամ աստիճանը՝ կը տեսնենք՝ օխտը կորածի մինը: Մարդիկ էլ կան, որ առանց իշխանութեան էլ, թէկուզ նոյնիսկ ձախորդութեան ու հալածանքի մէջ, միշտ երեւում են իրենց ինքնուրոյն կերպարանքով, ուժով ու շնորհքով:
Էդպէս են եւ մարդկային ցեղերը: [...]
March 22nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կլենտէյլի քաղաքային ընտրութիւններուն շատ չմնաց: Անցեալին բազմիցս անդրադրձած ենք մեծ թիւով հայկական բնակչութիւն ունեցող քաղաքի մէջ ընթացող ընտրութիւններուն՝ ոչ միայն տեղական այլ համա-ամերիկեան նշանակութեան:
Արդարեւ, քաղաքային կամ դաշնակցային մակարդակի պաշտօնատարներու կամ քաղաքական գործիչներու համար, Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն հայութեան արձանագրած արդիւնքները, ներհամայնքային յարաբերութիւններու, համաձայնութեանց կամ տարակարծութիւններու ուժականութիւնը կարեւոր ցուցանիշ կը նկատուին, երբ անոնք դէմ յանդիման գտնուին [...]
March 20th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հէքիաթներու աշխարհին եւ ամերիկեան շարժապատկերներու մէջ պատմութիւնը ընդհանրապէս կ՛աւարտի բարիի յաղթանակով՝ ընդդէմ չարին: Իրական աշխարհին մէջ, անշուշտ, այդպէս չէ: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ապագային հանդէպ կայ լաւատեսներու ամբողջ բանակ մը, որ խոր հաւատք ունի բարիի վախճանական յաղթանակին հանդէպ, պարզապէս այդ յաղթանակը շուտափոյթ իրականացնելու խնդիրն է, որ կը բարդանայ ու շարունակ կը ձգձգուի:
Այսօր, Երեւանի մէջ, դարձեալ բարին [...]
March 19th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ
«Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Սարգիս Սերովբեան Լիբանանէն հաղորդուող «Վանա Ձայն» ռատիօկայանին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին կ՛ըսէ, թէ «այսօր պոլսահայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած է բազմաթիւ հարցերու, որոնց մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ քաղաքացիական արիութիւն ցոյց տալը…»:
«Քաղաքացիական արիութիւն». Հասկացողութիւն մը, որմէ առհասարակ ետ կեցած ենք: Ընդհակառակը թելադրած են մեր հաւաքականութեան խորհրդատուները: Անոնք փորձուելով բազմաթիւ փորձանքներէ՝ ամբողջ [...]
March 18th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Րաֆֆին կը շարունակէ հացադուլը, միեւնոյն ժամանակ՝ Ազատութեան հրապարակը դարձնելով շարժումի ղեկավարման կեդրոնատեղի, ու մամլոյ ասուլիսներով, հանդիպումներով, ստորագրահաւաքով, ժողովրդային հաւաքներով եւ ուղղակի զրոյցներով կը փորձէ բարձր պահել ժողովրդային բողոքի ալիքը:
Սահմանադրական դատարանը ակնկալուած կեղծ վճիռը տուաւ, մերժեց Րաֆֆիի դիմումը եւ օրինականութեան շղարշ մը տուաւ Սերժ Սարգսեանի ընտրութեան: Րաֆֆին դատապարտեց այս վճիռը ու պայքարը շարունակելու եւ մինչեւ [...]
March 15th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Քաղաքական թէ հոգեւոր ղեկավարները, ամբողջ աշխարհի տարածքին, այսօր պէտք է վերագնահատեն իրենց վարքն ու բարքը, պէտք է զգան համեստանալու, ազնուանալու, ծառայութեան կոչումը իր էութեան մէջ ըմբռնելու եւ կիրարկելու յաւելեալ ճիգ մը թափելու բարոյական ճնշումը:
Կաթոլիկ աշխարհի նորընտիր հոգեւոր առաջնորդ Ֆրանսիս պապը, որքա՛ն ալ իր նկարագիրին անհամապատասխան թուի, իր աթոռակալութեամբ ձեռնոց կը նետէ բոլոր ինքնագոհ ղեկավարներուն, [...]
March 14th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Իմ դիակիս վրայով», Ապրիլ 9ին նախագահ Սերժ Սարգսեան իր երկրորդ պաշտօնավարման երդման արարողութիւնը պիտի կատարէ. այսպէս յայտարարած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Առաջին անգամ, երբ լսեցի այս յայտարարութիւնը, ուրիշ բազմաթիւ ազգակիցներու հետ ես ալ իսկապէս մտահոգուեցայ ու քիչ մըն ալ շուարեցայ: Առաջին հերթին՝ մտահոգուեցայ՝ կարծելով, որ Րաֆֆին ճակատումի երթալու պատրաստակամութիւն է, զոր կը յայտարարէ: Բարեբախտաբար այդպէս չէ՛ր. [...]
March 13th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս խորագիրով Խորէն Արամունիի հեղինակած թատերախաղը տեսնելու առիթն ունեցայ անցեալ Կիրակի երեկոյեան: Հեղինակը յուշած էր, որ ներկայացումը այս օրերուն մեզ յուզող հարցեր կը շօշափէ. մերօրեայ իրականութիւնը ցոլացնող հոգեվիճակի գեղարուեստական արտայայտութիւն մըն է անիկա:
Թատերախաղը այս շաբաթավերջին եւս պիտի ներկայացուի Theater Unlimited սրահին մէջ, որ փոքրիկ սրահ մըն է, հետեւաբար՝ պէտք է անմիջապէս տեղ ապահովէք, այլապէս՝ [...]
March 12th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտին վրայ աշխատող բոլոր ուժերը միասնաբար պատասխանատու են մեր ժողովուրդին առջեւ, Փետրուար 18ին սկիզբ առած ժողովրդային շարժումը իր յաղթական աւարտին հասցնելու:
Դժբախտաբար, սակայն, Երեւանէն հասնող տեղեկութիւնները միջ-կուսակցական բանակցութիւններու բարեյաջող ընթացքի մասին լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:
Արդարեւ, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ՀՅԴ-Ժառանգութիւն-Բարգաւաճ բանակցութիւնները չկրցան արդիւնաւորուիլ Երեւանի աւագանիի ընտրութեանց ընդդիմադիր միասնական ցանկի մը շուրջ համաձայնութեամբ, կամ առնուազն՝ [...]
March 11th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ կեդրոնները պէտք է ըլլան հիւրընկալ, պէտք է իրենց սեմէն ներս մտնողներուն ջերմութիւն, սիրալիր մթնոլորտ եւ տաքուկ միջավայր տրամադրեն:
Պատահական այցելու, թէ կանոնաւոր յաճախող՝ Հայ կեդրոն մտնողը պէտք է առաջին իսկ վայրկեանին իր հարազատ տան մէջ զգայ ինքզինք: Այս է Հայ կեդրոններու էութենէն բխող նախապայմանը, որուն կենսագործումը առաւել եւս կարեւոր կը դառնայ մեր հսկայ համայնքներուն [...]
March 8th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կիներու միջազգային օրն է այսօր: Ծաղիկներով, ուղերձներով, բանախօսութիւններով, շնորհաւորանքներով եւ կնամեծար տարբեր վերաբերումներով, այսօր տղամարդիկ ու հանգամանաւոր պաշտօնեաներ կ՛արտայայտեն իրենց երախտագիտութիւնը, սէրն ու յարգանքը՝ հանդէպ կիներուն, կը գովեն անոնց գեղեցկութիւնը, կը խոնարհին անոնց մայրական յատկանիշներուն առջեւ:
Տարին մէկ կամ երկու օր կիներուն յատկացնել, զանոնք փառաբանել, իսկ մնացեալ ամբողջ ժամանակը՝ անոնց հանդէպ նախապաշարուած, վիրաւորական, խտրական եւ [...]
March 7th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Բարեւ»ը Հայաստանի մէջ այսօր ժողովրդային նոր շարժումի խորհրդանշական կարգախօսն է: Մեր կողմէ, նոյն կարգախօսով կը դիմենք Կլենտէյլի եւ Պըրպենքի հայութեան, կ՛ողջունենք այս հզօր համայնքին մաս կազմող բոլոր միութիւնները, հայկական թէ հանրային կրթական օճախներ յաճախող աշակերտութիւնը, արուեստի կեդրոնները, եկեղեցիները, բոլոր-բոլոր հայերը:
Կ՛ողջունենք ու մեր էջերը կը բանանք բոլորին, հայ հասարակական-քաղաքական գործիչներուն, մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն, տաղանդներուն, ձեռնարկատէրերուն, հաստատութիւններուն:
Մեր [...]
March 6th, 2013
| Posted in Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Շարժումը ի՛նչ ուղղութիւն պէտք է բռնէ, ինչպէ՛ս պիտի հունաւորէ իր ուժականութիւնը, ինչպէս յաղթանակ պիտի ապահովէ ժողովուրդին, ինչպէ՛ս պիտի դիմագրաւէ զինք չէզոքացնելու միտող իշխանական-վարչական հակամիջոցներուն: Այս հարցերուն իր լուծման առաջարկները ներկայացուց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացաուցիչը՝ երէկ Ազատութիւն հրապարակի վրայ տեղի ունեցած ժողովրդային հաւաքի ընթացքին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ ներկայացուցիչի ելոյթը սոյն հաւաքին, ուր յստակ [...]
March 5th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Պարաք Օպաման եւս միացաւ մեծ պետութիւններու ղեկավարներու շարանին՝ շնորհաւորելով Սերժ Սարգսեանին ընտրութիւնը, այսպիսով մեղսակից դառնալով կեղծիքը օրինականացնելու միջազգային կասկածելի համակարգումով կատարուած քայլի մը:
«Ասիկա իսկապէս կը վայելէ՞ր ազատ աշխարհի ղեկավարին, ո՞ւր է ամերիկփան արդարաամտութիւնը, ո՞ւր է ժողվորդավարութեան հանդէպ հաւատքը, համոզումը, մարդկային իրաւուննքերու պաշտպանութելան յանձնառութիւնը, այլ ժողովուրդներու հետ համերաշխութեան ոգին: Ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը սակարկելի՞ են միջազգային [...]
March 4th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մենք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքի անդամներս, անհատներ, թէ միութիւններ, ինչպէ՛ս կրնանք նպաստել, ինչպէ՛ս կրնանք արտայայտել մեր զօրակցութիւնը Հայաստանի մէջ ծաւալած ժողովրդային շարժումին: Կը տեսնէք, որ նպաստելու նպատակայարմարութիւնը կամ օգտակարութիւնը հարցականի տակ չենք դներ:
Ամէնէն դիւրինը՝ կազմակերպուած հաւաքներուն մասնակցիլն է: Կիրակի երեկոյեան, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակէն կրնայ շատ բան փոխանցուիլ հայրենի մեր ժողովուրդին: Հաւաքի մասնակիցներուն [...]
March 1st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդող ժողովրդային ընդդիմադիր շարժումը, կասկած չկայ, որ բազմաթիւ խութերով ու արգելքներով ականապատուած ճամբաներ ունի դիմացը: Նաեւ, մեծագոյն մարտահրաւէրը մի՛շտ պիտի ըլլայ շարժումի թափն ու տարողութիւնը ոչ միայն պահպանելու, այլեւ՝ աւելի ահագնացած հոսանքի մը վերածելու խնդիրը:
Մարտահրաւէրը առաւել սրութեամբ կը ծառանայ շարժումին դիմաց, պարզ այն պատճառով, որ իշխանութիւնը իր տրամադրութեան տակ ունի ոչ միայն [...]
February 28th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովրդային շարժումը ճնշելու, վախի ու ահաբեկումի ճամբով հրապարակները լեցնողներու շարքերը նոսրացնելու ամէն միջոցի պիտի դիմէ իշխանութիւնը: Բարեբախտաբար, ուղղակի ճակատումէ, բախումներէ խուսափելու զգուշաւորութիւն մը կայ, գոնէ այդպէս կ՛ուզենք հաւատալ, եւ կը յուսանք, որ այդպէս ալ կը շարունակուի: Րաֆֆին վճռական է ոչ մէկ կաթիլ արեան պատճառ դառնալու իր կեցուածքին մէջ, հետեւաբար, որեւէ գրգռութեան պարագային՝ որեւէ բախումի [...]
February 27th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր ազգային իրականութիւնը ալեկոծած է: Բոլորիս ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Հայաստանի իրադարձութիւններուն վրայ, որոնցմէ հեռու ըլլալու, մեր անմիջական մասնակցութիւնը չկարենալ բերելու ընդվզումը կրկ-նակիօրէն կը ծանրացնէ մեր հոգեվիճակը:
Այսպիսի մթնոլորտի մէջ կ՛արժէ՞, որ թերթի խմբագրութիւնը նախաձեռնէ նոր ծրագիրներու, որոնց մասին անդրադարձն իսկ կրնայ շեղել ընթերցողներու ուշադրութիւնը հիմնական հարցերէն:
Մեր առաքելութիւնը հայ մարդը տեղեակ պահել է հայկական իրականութենէն, զայն [...]
February 26th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իւրաքանչիւրիս մէջ նստած մտավախութիւն մը կայ. Րաֆֆին պիտի կրնա՞յ մինչեւ վերջ երթալ, պիտի կարենա՞յ պահել ժողովրդային շարժումի թափը, պիտի կարենայ ի վերջոյ յաջող աւարտի հասցնել շարժումը:
Նախ եւ առաջ, Րաֆֆին այս շարժման մէջ առանձին չթողելու պարտաւորութիւնը պէտք է ստանձնենք բոլորս, Հայաստանի ապագայով մտահոգ իւրաքանչիւր հայ, եւ փորձենք մեր խորհուրդներով, մեր առաջարկներով, մեր համբերութեամբ, մեր մասնակցութեամբ, [...]
February 25th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովուրդի զգացումներուն հետ խաղալ չ՛ըլլար: Յուսահատութեան եզրին հասած ժողովուրդը, երբ վերստին յոյսով ու հաւատքով կ՛ոգեշնչուի, երբ իր վերջին ուժերը հաւաքած՝ դարձեալ ոտքի կ՛ելլէ, վերջնական յաղթանակի հասնելու վճռականութեամբ հրապարակ կ՛իջնէ, կրնայ գլուխէն լախտի հարուած ստացողի նման շշմիլ, եթէ դարձեալ անհեռանկար ապագայի մը առջեւ գտնէ ինքզինք, եթէ դարձեալ զինք փրկութեան առաջնորդելու յաւակնութեամբ գործողները չկարենան խոստացուած յաղթանակներուն [...]
February 21st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը նախագահական ընտրութիւններուն անդրադրձող հետեւեալ յայտարարութիւնը հրաոպարակած է.
Յարգելի’ քաղաքացիներ
Հետեւելով ՀՀ նախագահի ընտրութեան օրուայ ընթացքին, տեղամասերում քուէարկութեան ամփոփմանը, վերլուծելով ստացուած տեղեկատուութիւնը եւ ԿԸՀ յայտարարած նախնական արդիւնքները՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ներկայացնում է իր գնահատականները:
Հայաստանի քաղաքացիները Փետրուարի 18ին ապացուցեցին, որ իրենց համբերութիւնը սահման ունի, որ իրենք շատ աւելի լաւ կեանքի եւ իշխանութեան են արժանի, [...]
February 20th, 2013
| Posted in Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԳԷՈՐԳ ԱՂԱԲԱԲԵԱՆ
Այն, որ Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) քուէաթերթիկների հաշուարկից յետոյ հանրապետութեան ընտրուած 6րդ նախագահ էր հռչակելու գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանին, չէին կասկածում անգամ մանկապարտէզի մսուրային խմբերի մանուկները: Ինտրիգը (գաղտնիք) միայն այն էր, թէ ձայների ինչպիսի՛ յարաբերակցութեամբ է դա արձանագրուելու: Երբ հրապարակուեցին նախնական արդիւնքները, ամէն ինչ իր տեղն ընկաւ. Սերժ Սարգսեանի անուան դիմաց 60 տոկոսից աւելին [...]
February 19th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը Փետրուար 15ին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որ կը վերաբերի 18 Փետրուարին կայանալիք հայաստանեան նախագահական ընտրութիւններուն։ Յայտարարութեան մէջ կոչ կ՛ուղղուի՝ անպայմանօրէն մասնակցելու ընտրութիւններուն, ձայն չտալու իշխանութեան թեկնածուին, այլ՝ ընտրելու քաղաքացիի խիղճին համապատասխան։
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Յարգելի՛ քաղաքացիներ,
«Հայաստանի նախագահի ընտրութեանը թեկնածու չառաջադրելու ՀՅԴի որոշման պատճառները ձեզ յայտնի են. միասնական քաղաքական օրակարգ ձեւաւորելու, ընդդիմադիր միասնական [...]
February 15th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱՐՄԻՆԷ ՕՀԱՆԵԱՆ
Նրանք, ովքեր քարկոծում են մեր ժողովրդին, թերագնահատում նրան, համարում խաւար ու անգիտակից, չարաչար սխալւում են: Վերջին օրերին հետեւելով քարոզարշաւի ընթացքին եւ տեսնելով, թէ ինչպէս են մարդիկ արձագանգում նախագահական մրցապայքարին, կարելի է արձանագրել.
1. Մեր ժողովուրդը չի խաբւում: Նա, ճիշտ է, յաճախ գնում է ուժի, փողի, ապահովութեան կողմը, սակայն բաց աչքով ու իր գիտակցուած ընտրութեամբ` հասկանալով, [...]
February 14th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ստեփանակերտը դարձեալ շարժումի մէջ է: Պահանջատիրութիւնը, բողոքն ու ցասումը փոխակերպուած են ցնծութեան, յաղթանակի պարգեւած բերկրանքին ու հպարտութեան:
Ինչո՞ւ չհպարտանալ: Շարժում էր, դարձաւ ազատամարտ, որուն վճռական յաղթանակի պսակը դարձաւ Արցախի անկախ Հանրապետութիւնը, որուն բոլոր խորհրդանիշները երէկ մասնակից էին քսանհինգերորդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հաւաքին:
Եկէք այսօր ունկնդրենք Արցախի երիտասարդութեան ձայնը, որ հնչած է Վերածնունդի հրապարակէն: Նոր յաղթանակներու դրօշակակիրները պիտի [...]
February 13th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր համայնքին մէջ կայ քանի մը հարիւր հաշուող մարդոց թիւ մը, որ կը հանդիսանայ մեր հասարակական ու քաղաքական ցուցական գործունէութեան ողնահարը, կը կազմէ մեր ուժական ներկայութիւնը ապահովող զօրասիւնը:
Այս խումբը առաջին արձագանգողն է ազգային հարցերու ի խնդիր ցոյցերու ու հաւաքներու հրաւէրներուն: Տարիքային կազմը այս խումբին կ՛ընդգրկէ երիտասարդէն մինչեւ հազիւ քալելու կարողութիւն ունեցող տարեցը: Անգործ, ուրիշ [...]
February 12th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԿԱՐԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
ՀՀ գործող նախագահ, նախագահի թեկնածու Սերժ Սարգսեանը Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքում Փետրուարի 5ին ընտրողների հետ հանդիպմանը, խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութեան մասին եւ գնահատելով ԱՄՆի վերաբերմունքը՝ ասել է. ««Ցեղասպանութիւն» եւ «եղեռն» բառերը նոյնն են, եւ անգամ «ցեղասպանութիւն» բառը չարտասանելով էլ ԱՄՆի նախագահն ասել է ամէն ին»չ:
Ճիշդ է, «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը շրջանառութեան մէջ է դրուել Հայոց [...]
February 11th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արցախեան Ազատագրական պայքարին մեր նահատակներու թիւի ճշգրիտ պատկերը չունինք: Մամուլի մէջ յիշուած է «շուրջ վեց հազար» թիւը, որուն մէջ հաւանաբար նկատի չեն առնուած շուրջ 800 անհետ կորսուած ազատամարտիկներ:
Նահատակները մեծ մասամբ թաղուած են իրենց բնակած վայրերու, հարազատ աւանի կամ գիւղի գերեզմանատուներուն մէջ: Եռաբլուրի եւ Ստեփանակերտի Նահատակաց գերեզմանատան մէջ ամփոփուած են հարիւրաւորներու աճիւնները: Փառքի ու յիշատակի [...]
February 8th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր Սուրբ Վարդանանց զօրավարներու եւ Աւարայրի ճակատամարտին նահատակուած 1036 վկաներու յիշատակութեան օրն է:
Այսօր նաեւ տօնն է բոլոր անոնց, որոնք չունին անուանակոչութեան օր, այսինքն՝ այսօր պէտք չունիս Վարդան կամ Շուշան անունը կրելու, որպէսզի օրդ շնորհաւորեն:
Յատկանշական է, որովհետեւ, ըստ ինծի՝ «բոլորիս օր»ուան խորհուրդը մեզմէ իւրաքանչիւրս կը ներշնչէ հերոսական պսակէն անմասն չմնալու յոյսը, համոզումը կամ հաւատքը:
Այո՛, Աւարայրը [...]
February 6th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
Առաջին անգամը լինելով ՀՅԴ եւ երկու այլ ուժեր յայտ չեն ներկայացրել մասնակցելու այս ընտրութիւններին: Այս աննախադէպ իրավիճակը լրջագոյն ախտանշան է այն խորը ճգնաժամի, որ առկայ է Հայաստանի ընտրական համակարգում:
Այդ ճգնաժամի հիմնական պատճառները յայտնի են՝
Իշխանութեան լիակատար չարաշահումը, որը իրականացւում է իշխող քաղաքական ուժի կողմից պետութեան վարչաֆինանսական ռեսուրսի անվերահսկելի եւ անսանձ օգտագործման միջոցով: Ընտրութիւնների [...]
February 5th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Փետրուարը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ իր տեղը նուաճեց Արցախեան Շարժումի սկզբնաւորումով: Փառապանծ յաղթանակով աւարտած այս Շարժումը հիմնովին փոխեց մեր կեանքը, յեղաշրջեց մեր պատմութեան ընթացքը, մեր ժողովուրդին համար աննախընթաց կարելիութիւններու դուռ բացաւ ու վերանկախացած հանրապետութեան երազը իրականացնելու առաջին հզօր քայլը դարձաւ:
Արցախի կառավարութիւնը որոշած է նշել Շարժման քսանհինգերորդ տարեդարձը: «Ասպարէզ» ալ իր համեստ մասնակցութիւնը պիտի բերէ [...]
February 4th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի նախագահական յառաջիկայ ընտրութեանց ճամբուն վրայ, յատկապէս վերջին ամիսներուն բազմատեսակ ահազանգեր հնչեցին ու կը հնչեն մեր հայրենիքին եւ հայաշխարհի տարածքին, սակայն ինչ որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Յունուարի գիշերը, ահազանգը կը տեղափոխէ քաղաքական-ընկերային-արդարութեան ու յարակից դաշտերէն դէպի ապահովութեան գերզգայուն ոլորտ։
ԱԻՄի հիմնադիր նախագահ Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձը տարբեր ահազանգ է, որ կ՛արթնցնէ [...]
February 1st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սամաթիոյ հայ բնակիչները իրենք զիրենք անապահով կը զգան: Վերջին յարձակումները այդ շրջանին մէջ բնակող հայ տարեց կիներու վրայ արդէն պատահական դէպքերու յատկանիշներէն անդին կ՛անցնին ու կը ստանան յատուկ նպատակով կատարուած արարքներու բնոյթ:
Նպատակն ալ յստակ է. վախի ու սարսափի մէջ պահել Թուրքիոյ հայ բնակչութիւնը, զսպել անոր մէջ վերջին շրջանին ծլած ազգային մղումները, իր սաղմին մէջ [...]
January 31st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանը կասեցնելու մասին «Չարթըր» քապելային ընկերութեան կամայական որոշումը ընդվզումի խոր ալիք յառաջացուցած է մեր համայնքէն ներս:
Կարեւոր է, նոյնիսկ՝ կենսական, որ այս ընդվզումը վերածուի շօշափելի ճնշման միջոցի՝ գործնական քայլերու ամբողջական ծրագիրի մը ընդմէջէն:
Այս հանգրուանին մենք մեր ընդվզումը կ՛արտայայտենք՝ ստորագրելով «Չարթըր»ի տնօրէնութեան եւ Դաշնակցային հաղորդակցութեանց յանձնաժողովին ուղղուած խնդրագիրը:
Այս հանգրուանին նաեւ, կարելի է անձնական նախաձեռնութեամբ [...]
January 30th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ը բաժանորդագրութեան հանդէպ մէկ վարքագիծ ունի. թերթը ստանալ փափաքող իւրաքանչիւր հայ մարդու, իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի պէտք է անպայմա՛ն այդ հնարաւորութիւնը տրուի, նիւթական դժուարութեան պարագային՝ զեղչով, ընդհուպ մինչեւ անվճար կերպով:
Թերթի տնօրէնութիւնը համոզուած է, որ «Ասպարէզ» ստանալ փափաքողը եթէ այսօր չի կրնար վճարել իր բաժանորդագինը, ապա վաղը, երբ տնտեսապէս աւելի լաւ վիճակի մէջ ըլլայ, անպայմանօրէն կը [...]
January 29th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դաշնակցականի կերպարը բնութագրելու խնդիր չունինք: Նման որեւէ փորձ անհեթեթ է: Դաշնակցականը ժողովուրդի ծոցէն ծնած հայն է, սովորական մարդը, որ ունի իր սեփական դիմագիծը, իր անհատականութիւնը: Կուսակցական պատկանելութիւնը ինքնին վառ գիծերով չի կրնար զարդարել Դաշնակցականը, երկնային կամ երկրային շնորհներով չի կրնար պսակել անոր ճակատը:
122 տարուան իր պատմութեան ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հերոսական խիզախումները կերտած բազմաթիւ [...]
January 24th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ինչո՞վ զբաղուած են դաշնակցականները Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ: Դաշնակցական շարքայինը, կուսակցական միաւորները՝ կոմիտէութիւնները, անոնց ղեկավար մարմինները՝ կոմիտէները, համադրող-ղեկավարող շրջանային մարմինը՝ Կեդրոնական կոմիտէն:
Այս դաշնակցական համակարգը, կառոյցը, համայնքին ազգային միջավայր, ազգային գաղափարախօսութիւն, ազգային-համազգային խնդիրներու լուսաբանում, ազգային առաջնորդութիւն ապահովելու խնդիր ունի:
Ազգային միջավայր ստեղծելու համար, Դաշնակցական կառոյցը կ՛աշխատի Հայ կեդրոններու ցանցերը ընդարձակել, արդիականացնել, զանոնք հայկականութեան շունչով լեցնել եւ [...]
January 23rd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախագահ Օպամայի պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը նախանշող երդման արարողութիւնը պատմական իրադարձութեան մը պսակով փառաւորելու ամէն ճիգ թափուած էր: Թէ՛ կազմակերպուած հանդիսութիւնները եւ թէ մանաւանդ նախագահին ճառով արտայայտուած յանդուգն կեցուածքները պէտք է ապահովէին այդ պսակը:
Ինծի համար, սակայն, այս օրուան խորհուրդը այլ ձեւով ընկալուեցաւ: Ահա քաղաքական գործիչ մը, որուն հանդէպ միլիոնաւոր ամերիկացիներ մեծ յոյսեր կապեցին՝ երկրին մէջ [...]
January 22nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սիրելի ընթերցող, այս սիւնակէն քեզի կը փոխանցենք յատուկ հրաւէր մը՝ ներկայ գտնուելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122րդ տարեդարձի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի, 27 Յունուարին: Ձեռնարկի մասին ծանուցումները կրնան արդէն քեզի տուած ըլլալ անոր հետ կապուած բոլոր մանրամասնութիւնները, այսուհանդերձ՝ անհրաժեշտ ու կարեւոր կը գտնենք քեզ անձնապէս հրաւիրել մեր համայնքի տարեկան կարեւորագոյն միջոցառումներէն մէկը [...]
January 18th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Ակօս»ի 18 Յունուարի թիւին մէջ լոյս տեսած է Ճեմալ Փաշայի թոռան՝ Հասան Ճեմալի ստորագրած գրութիւնը, որ Հրանդ Տինքի վեցերորդ տարելիցին առթիւ, Պերլինի «Հունպոլտ» համալսարանին մէջ նոյն օրը իր տալիք բանախօսութեան բնագիրն է: Գրութիւնը կը կրէ «1915ի վիշտը ո՛չ թէ անցեալին, այլ այսօրուան խնդիրն է» վերնագիրը եւ կը սկսի Միլան Քունտերայի հետեւեալ տողերով.
«Իշխանութեան դէմ մարդուն պայքարը
Մոռացութեան [...]
January 17th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ տարուան մեր եւ «Ասպարէզ»ի բարեկամներուն հետեւողական աշխատանքներու արդիւնքէն քաջալերուած՝ այս տարի եւս տարբեր առիթներով բաժանորդագրութեան արշաւներ պիտի կատարենք:
Նոր տարուան առաջին փորձերնիս կ՛ուզենք հարազատ միջավայրի, ծանօթ շրջանակի մէջ կատարել: Օգտուելով այն առիթէն, որ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութիւնը իր անցեալ տարուան գործունէութեան մասին տեղեկագիր մը պատրաստած էր եւ կ՛ուզէր զայն կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն հասցնել՝ [...]
January 16th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու լուսաբանումը մեր պարտաւորութիւնն է: Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով ընտրութենէ ընտրութիւն առաւել կատարելագործուած այն պայմանները, որոնք անկարելի կը դարձնեն արդար ընտրութիւններ իրականացնելը՝ նպատակայարմար կը տեսնենք լրատուական մարտավարութեան մը որդեգրումը՝ նախընտրական քարոզարշաւի մեկնաբանութիւններու կապակցութեամբ:
Ամփոփենք մինչեւ այսօր պատահածը: Հրապարակուեցաւ 15 թեկնածուներու անուն, որոնք ցանկութիւն յայտնած էին մաս կազմելու նախագահական ընտրապայքարին: Այդ չափանիշով հաւանաբար թեկնածուներու թիւը [...]
January 15th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՊԱՌԱԺ»
23 տարի առաջ այս օրերին Բաքւում սկիզբ առաւ 20րդ դարում Բաքւում հայերի հանդէպ տեղի ունեցած երրորդ ցեղասպանութիւնը:
1990թ. Յունուարի 13-19 Բաքւում տեղի ունեցաւ հայ բնակչութեան երրորդ խոշոր կոտորածը: Միայն իր ազգային պատկանելութեան համար տեղի շուրջ 200.000 հայ համայնքը ենթարկուեց բռնութիւնների, կոտորածի ու վտարուեց քաղաքից:
Դեռ 1988-1989թթ. ընթացքում ադրբեջանական բոլոր լրատուամիջոցները՝ յատկապէս հեռուստատեսութիւնը, հեղեղուած էին հակահայկական քարոզչութեամբ, ինչը [...]
January 14th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ես ըլլայի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի փոխարէն, կը մերժէի պատասխանել ոեւէ լրագրողի հարցումին եւ որեւէ յայտարարութիւն չէի կատարեր, մինչեւ վերջնական եւ յստակ պատկերացում չունենայի հանգանակութեան արդիւնքներուն եւ մանաւանդ՝ անոնց բաշխման վերաբերեալ: Արդարեւ, Հիմնադրամի տնօրէնը պէտք է հետեւած ըլլար նախա-մարաթոնեան օրերուն հրապարակուած լուրերուն ու յայտարարութիւններուն՝ յատկապէս սփիւռքեան շրջանակներու կողմէ, ուր յայտնի կը [...]
January 11th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խորհրդաւոր պայմաններու տակ Փարիզի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան երեք կին գործիչներ ահաբեկուեցան: Անոնցմէ մէկը՝ Թուրքիոյ դէմ ազատագրական արիւնալի պայքար մղող այդ կուսակցութեան հիմնադիրներէն է: Այս վատոգի գործողութիւնը ո՞վ հրահանգեց, ինչո՞ւ այս օրերուն: Կրնա՞յ ըլլալ, որ ահաբեկչութիւնը ընդհանրապէս առնչութիւն չունի Թուրքիոյ մէջ ձեռնարկուած՝ այսպէս կոչուած խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան արգելափակուած ղեկավար Օճալանի հետ:
Մենք կը միանանք [...]
January 10th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Աւելի ճիշդը՝ յաղթանակներ տօնելու խրախճանք: ՀՅԴի 122ամեակի առիթով, այս Շաբաթ օր տեղի ունենալիք խրախճանքը, ճաշկերոյթ-ուրախութիւնը, մեր ժողովուրդի յաղթանակները փառաւորելու համար է: Ինծի եւ վստահ եմ շատերու համար այդպէս է:
Արդարեւ, հայ ժողովուրդի ազգային իղձերու իրագործման առաքելութեամբ ճամբայ ելած կուսակցութիւնը, սոսկ իր տարեդարձը (122րդը) տօնելու համար խրախճանք չի կրնար կազմակերպել:
Ես այս Շաբաթ երեկոյեան ընկեր-բարեկամ-գործակիցներու հետ միասին [...]
January 9th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԴՐՕՇԱԿ»
Ինչպէս յայտնի է, Դեկտեմբերի 25ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը, մէկ օրակարգային հարցով՝ առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններում ՀՅԴ դիրքորոշումը:
Ի հարկէ սովորական վիճակ չէ, երբ որեւէ քաղաքական ուժ, ժողովն սկսելուց առաջ, նախագահի թեկնածու առաջադրել-չառաջադրելու հարցում դեռեւս չունի վերջնական կողմնորոշում: Այնուամենայնիւ, այդպիսին էր վիճակն այս անգամ, եւ մասնակիցների փաստարկներն էին տեղում վճռորոշելու կարեւորագոյն խնդիրը: Տուեալ հանգամանքը առաւել [...]
January 8th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Այսօր կը դառնաս յիսուն տարեկան: Դժուար է պատկերացնել, թէ քեզի համար ինչպէ՛ս անցան երիտասարդ տարիներդ, ինչպէ՛ս կրցար այսքան երկար տարիներ տանիլ բանտախուցիդ դաժան ճաղերուն սառնութիւնը:
Գիտեմ, որ քեզի համար առանձնապէս դաժան էին վերջին քսանհինգ տարիները: Արցախեան շարժման սկիզբի առաջին օրերէն քեզի համար բանտի պատերը դարձան անտանելի, որովհետեւ հոգիով, սրտով, մարմնիդ իւրաքանչիւր բջիջով կը ցանկայիր թռչիլ, [...]
January 4th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կ՛ըսեն, որ մեծ փորձանքէ մը ազատեցանք եւ նախագահ Պարաք Օպաման ու Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը վերջին վայրկեանի համաձայնութեամբ մը յաջողեցան առաջքը առնել աշխարհի տնտեսութեան մեծագոյն գահավիժումին:
Կ՛ըսեն, թէ շատ շուտով կրնան պատահիլ նոր փորձանքներ, որոնք նոյնքան ճակատագրական կրնան ըլլալ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական վերականգնումին, անոր միջազգային վարկին եւ այլն, եւ այլն:
Զննելով շեփորահարուած յաջողութեան տնտեսութիւնը փրկելու պայմանները՝ անմիջապէս [...]
January 2nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէնէն երկարակեաց հայկական թերթերէն մէկը ըլլալու պատիւը անշուշտ դիւրին չէ շահուած: Այս պատիւը, սակայն, ոչ մէկ անձի ու ընկերութեան կ՛երթայ: Պատիւը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան շրջանին է, անոր ղեկավար մարմիններուն, անոր շարքային անդամներուն, անոր համակիր զանգուածներուն, համայն քալիֆորնիահայ համայնքին:
Կ՛արժէ, ուրեմն, միասին տօնել այս կարեւոր տարեդարձը: «Ասպարէզ»ի մեծ ընտանիքին հետ յաջորդ տարի պիտի նշենք թերթի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Օրաթերթի տարերքը մշտական հեւքն է եւ եթէ մէկ բառով ուզենք ամփոփել «Ասպարէզ»ի անցեալ տարին՝ ապա «հեւքոտ»ը լաւագոյն բնութագրումը պիտի ըլլայ մեր աշխատանքներուն:
Այդ հեւքն է, զոր մենք երբեմն կը չարաշահենք՝ թաքցնելու համար մեր միւս դժուարութիւնները, ամէն վրիպումի ու զանցումի մեղքը բարդելով օրաթերթային վազվզուքին, աճապարանքին վրայ:
Այդ հեւքն է, որ սակայն մեզի համար ժամանակ կը ստեղծէ առ [...]
December 27th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Առաջին հերթին, անշուշտ, ազգային կուսակցութեան մը պաշտօնաթերթի այսօրինակ սիւնակին մէջ պատշաճ է ամանորեայ բաղձանքներու շարքը սկսիլ՝ արձանագրութեամբ ազգային իղձերու, որոնց առաջնահերթութիւնը ճշդուած է ժողովներով, քննարկումներով ու քուէարկութիւններով: Այդ բոլորը, կը բաղձանք, որ իրականանան շուտով, գալիք տարի իսկ, որպէսզի մենք ալ՝ մեր սերունդի մարդիկը, կարենանք տեսնել այդ բոլորը եւ նոր մեռնիլ (Ամանորեայ տրամադրութիւնները չաւրելու համար՝ [...]
December 21st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ընկեր Աբօն,
Խորհրդաւոր իր ներաշխարհէն բխող, ճառագայթող ուժով:
Առասպելական իր անտեսանելի բազկի հասողութեամբ:
Իւրաքանչիւր դաշնակցական երիտասարդ կամ տարեց, անոր անմիջական շրջապատին մէջ ըլլար կամ ոչ, տարօրինակ, առեղծուածային աղբիւրէ մը ինքնավստահութեան, ամենակարողութեան, անվախութեան ու խիզախութեան ներշնչում կը ստանար, զգայնութիւն մը, որ տակաւին կը յաճախէ մեզի՝ իր անուան յիշողութեան հետ:
Մենք իրապէս խնդիր ունինք այսօր մեր նոր ժամանակներու հերոսները ըստ արժանւոյն [...]
December 20th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Օրինաստեղծ մարդիկ, որոնք ըստ կարգի պէտք է նաեւ ժողովուրդի կողմէ ընտրեալ ըլլան, իրենց վարք ու բարքով օրինակ պէտք է ըլլան սովորական մահկանացուներուս: Բայց արդէն վաղուց դադրած ենկ զարմանալէ Հայաստանի Ազգային Ժողովի իշխանամերձ պատգամաւորներու շրջանակին մէջ յայտնուած դժբախտաբար ոչ այնքան փոքրաթիւ պատգամաւորներու անուան հետ կապուած գունաւոր գայթակղութիւններէն, որոնց նորագոյն նմոյշը մեզ շնորհուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան [...]
December 19th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի նախագահի յառաջիկայ ընտրութիւնները, առաջին անգամ ըլլալով հետաքրքրական մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւեն. ինչպէ՞ս ստեղծել մթնոլորտ մը, որ միջազգային հանրութեան աչքին թուի, թէ իսկական ժողովրդավարական պայմաններու մէջ կատարուող ընտրութիւն է՝ բազմաթիւ թեկնածուներով, կարգին ընտրարշաւով:
Նախագահական թեկնածուներու առաջադրման համար դեռ ժամանակ կայ, սակայն հորիզոնի վրայ չեն երեւիր անուններ, որոնց մուտքը ընտրարշաւ կրնայ ժողովրդավարութեան նմանակման նպաստել:
Ազգային ժողովի պատգամաւորներու [...]
December 18th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ահաւոր ոճիրի մը զոհ գացած անմեղ երեխաներու ընտանիքներուն հետ ամբողջ երկիրը, անցեալ շաբաթավերջին, սուգի ու վիշտի մթնոլորտի մը մէջ մխրճուած էր: Անհեթեթ ոճիր էր, եւ հետագայ քննութիւնները ի՛նչ ալ բացայայտեն, հոգեկան խանգարուած ու խեղուած ոճրագործին դրդապատճառները որքա՛ն ալ քրքրուին, ամբողջ հասարակութիւնը կորուստի ահագնութեան հետ դեռ շատ երկար պիտի տագնապի, [...]
December 17th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Անցեալ Կիրակի օր Լոս Անճելըսի հայ համայնքի մէկ կարեւոր մասը ներկայացնող շրջանակ մը պատեհութիւնը ունեցաւ անմիջականօրէն տեսնելու Հայաստանի կառավարութեան գլուխը կանգնած անձի մը՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի «դիւանագիտական» ճարտարութիւնը, որուն շնորհիւ՝ ան փորձեց խուսանաւել ամէնէն ցաւոտ հարցադրումներէն:
Նախ՝ հանդիպման մասին: Հայաստանի վարչապետը պիտի այցելէր շրջանս եւ բնական է, որ հայրենիքի առօրեայով տագնապող մեր համայնքի անդամները պիտի ուզէին [...]
December 14th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաղուց այսպիսի յայտարարութիւն մը չէի կարդացած հայկական թերթերու մէջ: Ժամանակին, Խորհրդային տարիներուն, յաճախ կը տեսնէի «Կը Փնտռուի» վերնագիրով ազդեր, որոնք Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի թոհուբոհին մէջ կորսուած ազգակիցներ յայտնաբերելու յուսահատ ճիչեր էին:
Այս մէկը, զոր կարդացի Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօսի»ի էջերէն, բոլորովին նոր ուղղութիւն մը կը բանայ ընտանիքի անդամներու վերամիաւորման հայկական ողբերգութեան քարտէսին վրայ:
Ահա՛ «Խլաթցին [...]
December 13th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ Կիրակի, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ նախաձեռնուած Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ հանդիպումին, «Ասպարէզ»ի կողմէ հետեւեալ հարցումը ուղղեցինք կառավարութեան ղեկավարին.
- Հայաստանի կառավարութիւնը արտագաղթը վտանգ կը նկատէ՞ երկիրի անվտանգութեան: Եթէ այո՛, ի՞նչ ռազմավարութիւն որդեգրուած է՝ մեր երկիրի անվտանգութեան սպառնացող այս հարցին լուծում մը տալու:
«Եթէ այո»ն անտեղի էր: Վարչապետին համաձայն՝ արտագաղթը այո՛, ցաւալի է, [...]
December 12th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Չկայ շատ բան, որ արդէն ըսուած չըլլայ եւ դուք լսած չըլլաք, յատկապէս՝ Երեւանի մեր գաղափարակից ընկերներէն:
Սակայն, ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ կառավարութեան անդամներ մեր մէջ, իբրեւ խօսակից, եւ բաւարարուիլ դիւանագիտական եւ զուարթ արտայայտութիւններով՝ պիտի համարէինք թերացում մեր ազգային պարտականութեանց մէջ:
Չինական յայտնի առածը կ՛ըսէ. «Հազար մղոնի ուղեւորութիւնը կը սկսի առաջին մէկ քայլով»:
Այդպէս ալ, որեւէ [...]
December 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Չկայ շատ բան, որ արդէն ըսուած չըլլայ եւ դուք լսած չըլլաք, յատկապէս՝ Երեւանի մեր գաղափարակից ընկերներէն:
Սակայն, ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ կառավարութեան անդամներ մեր մէջ, իբրեւ խօսակից, եւ բաւարարուիլ դիւանագիտական եւ զուարթ արտայայտութիւններով՝ պիտի համարէինք թերացում մեր ազգային պարտականութեանց մէջ:
Չինական յայտնի առածը կ՛ըսէ. «Հազար մղոնի ուղեւորութիւնը կը սկսի առաջին մէկ քայլով»:
Այդպէս ալ, որեւէ [...]
December 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »