Home » Օրուան ՄտածումըYou are browsing entries filed in “Օրուան Մտածումը”
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Իրենց «վերընտրութիւն»ը կատարելագործուած մեքենայութիւններով յաջողապէս կազմակերպելէ եւ այսպէս կոչուած «ժողովրդավարական յաղթանակ» արձանագրելէ ետք, Հայաստանի ու Երեւանի հին–նոր իշխանաւորները աջին ու ձախին խորհուրդ կու տան, թէ ընտրութեանց ժամանակը աւարտած–անցած է եւ ամէն մարդ թող իր գործով զբաղի։
Եթէ իրենք՝ պետական իշխանութեան ղեկին գլուխը մնալու սիրոյն այսքա՛ն արժէքներ ոտնակոխած «պետական այրեր»ը իրենց յանձնարարուած գործը օրը օրին կատարած [...]
May 15th, 2013
| Posted in Յօդուածներ, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիսի այս օրերուն հայ մարդը, աշխարհով մէկ, յաղթանակ կը տօնէ։
Կը տօնէ յատկապէս Շուշիի ազատագրութեան յաղթանակը, որ ահա աւելի քան քսան տարիէ ի վեր հայոց ժամանակակից պատմութեան փառահեղ վերականգնումի շրջադարձը կը խորհրդանշէ։
Շուշիի ազատագրութեան տօնը կը խորհրդանշէ, առաջին հերթին եւ ամէն բանէ վեր, հայրենի հողի բռնագրաւման դէմ հայոց ազգային ծառացումը եւ հաւաքական ուժով վերատիրացումը ազատ, անկախ [...]
May 8th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ակներեւ է, որ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ, դուրսէն թէ ներսէն, ամէն ճիգ կը թափուի մոռացման մատնելու հայ ազգային պահանջատիրութեան ու Հայ Դատի պայքարին Այբուբենը.– յատկապէս՝ անոր կիզակէտը, որ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւեալ մեր հողերուն վերադարձն է հայ ժողովուրդին, կորուսեալ հայրենիքին իրաւական վերատիրացումով։
Հայ ժողովուրդին հաւաքական կամքը արհամարհող մեծապետական ճնշումի այդ վարքագիծը յառաջ կը մղուի ուղղակի թէ [...]
May 1st, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման 98ամեակը ընձեռեց, ռազմավարական պատկերաւոր արտայայտութեամբ, աշխարհասփիւռ հայութեան ուժերու վերաթարմացման, դիրքերու վերադասաւորման եւ թիրախներու վերասահմանման անխուսափելի, այլեւ՝ ուսանելի՛ պահը։
Հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ բերաւ, ոգեկոչական յաւուր պատշաճի ելոյթներէն անդին, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական զօրաշարժին նորովի թափ տալու, հայկական ուժականութեան ցիրուցան պաշարները համադրելու եւ առաւելագոյնս արդիւնաւորելու մարտահրաւէրը։
Շեշտեց, վերջին հաշուով, թր-քական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծագոյն [...]
April 26th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ակնյայտ է, որ Հայաստանի այսպէս կոչուած «թէժ օրակարգ»ին կիզակէտը ըլլալու իր ուժականութիւնը զգալապէս կորսնցուց ժողովրդային բողոքի յաղթական շարժումը, որ Փետրուար 18ի նախագահական ընտրութեան օրը հասած էր, քուէի ուժով, իր յաղթարշաւի գագաթնակէտին։
Նաեւ կասկածէ վեր է, որ տակաւին երկար ժամանակ հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ իր առաջնահերթ տեղը պիտի շարունակէ զբաղեցնել քննարկումը այն կնճռոտ ու ցաւոտ [...]
April 17th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քաղաքականութեան չափ հին է ահաբեկչութիւնը։
Նաեւ քաղաքական մտքի ա-կունքներէն եկող չարաշահման նիւթ է ահաբեկչութեան արժեւորման շուրջ հազարամեակներէ ի վեր շարունակուող բանավէճը։
Ամէն ազգ եւ ժողովուրդ ահաբեկչութեան կապուած իր ուրոյն կենսափորձը ունի։
Հռովմէական կայսրութեան բնորոշ Յուլիոս Կեսարի ահաբեկումէն մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր Աբրահամ Լինքըլնի ահաբեկումը, հնադարեան ժամանակներէն սկսեալ ահաբեկչութիւնը քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է ընդհանուր ազգաց պատմութեան մէջ։
Բայց [...]
April 3rd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազդանշաններ կան, որ Հայաստանի մէջ շարունակուող ժողովրդային բողոքի շարժումը երերուն քայլերով կ՛ուղղուի դէպի գործող նախագահական իշխանութեան հետ քաղաքական, այսպէս կոչուած «քաղաքակիրթ» երկխօսութեան եւ «ինչ որ» համաձայնութեան փուլ։
Դժուար է ճշգրիտ ախտորոշում կատարել՝ ստուգապէս ճշդելու համար, թէ Րաֆֆի Յովհաննիսեանի դիմագրաւած քաղաքական գործիչի անելի՞ն պէտք է վերագրել նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ նամակներու փոխանակումով եւ երկխօսութեան եզրերու, այլեւ [...]
March 27th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը թեւակոխած է նոր փուլ, որուն սթափ ընկալումը եւ առարկայական արժեւորումը անհրաժեշտ պայման են՝ քաղաքական հետագայ զարգացումները յետընտրական ժամանակաշրջանի անորոշութեան եւ անելի շարունակուող անձկութենէն, մանաւա՛նդ քաղաքացիական աննախատեսելի ցնցումներու մղձաւանջէն վնասազերծելու համար։
Քաղաքական ներկայ պահու ներքին ուժականութիւնը եւ անոր մէջ խմորուող պայթումի վտանգը չեն ուզեր հասկնալ, կամ՝ պարզապէս անտեսել կը փորձեն բոլոր անոնք, որոնք, [...]
March 20th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դաշնակցութեան սփիւռքեան կենսափորձով բիւրեղացած եւ ազգային–քաղաքական մեծ հնչեղութիւն ստացած է «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանը։
Այդ վարքագիծը առաւելագոյնս արմատաւորուեցաւ յատկապէս Լիբանանի մէջ, որուն պետական համակարգը խարսխուած է համայնքային լիարժէք ներկայացուցչութեան եւ լիբանանեան պետութիւնը բաղկացնող գլխաւոր համայնքներու, այդ շարքին եւ հայ համայնքի քաղաքացիական լիիրաւ մասնակցութեան սկզբունքներուն վրայ։
Լիբանանահայ իրականութեան մէջ, երկար տասնամեակներու վրայ մղուած խորհրդարանական թէժ ընտրապայքարներու [...]
March 13th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստան այս օրերուն կ՛ապրի իր ազգային–ազատագրական եւ ժողովրդային–ժողովրդավարական 25ամեայ զարթօնքին կարեւորագոյն պահերէն մէկը՝ ազատ հասարակութեան քաղաքացիական ինքնահաստատման վճռորոշ փուլը։
Միայն Հայաստանի նախագահական հերթական ընտրութեան եւ անոր բնորոշ ժողովրդային կամքի հերթական ոտնակոխման դէմ ուղղուած չէ Փետրուար 18էն ի վեր Հայաստանի մէջ շարունակուող բողոքի շարժման զանգուածային ալիքը։
Համաժողովրդային բողոքը ուղղուած է վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած եւ արդէն արմատաւորուած [...]
March 6th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս որ թեւաւոր խօսքը կը սորվեցնէ, «Փերին դուրս եկած է կախարդական սրուակէն եւ այլեւս կարելի չէ ետ խցկել զայն»։
Հայաստանի եւ հայութեան պարագային՝ «փերի»ն սեփական ճակատագիրը անկաշկանդ եւ ինքնուրոյն տնօրինելու մեր ժողովուրդին ազատ կամքն է։
Հայաստանի վերանկախացումին եւ հայոց պետական տան ժողովրդավարական վերականգնումին յաջորդած աւելի քան 22 տարիներու ընթացքին, մեր ժողովուրդին ազատ կամքը առասպելական փերիին օրինակով [...]
February 27th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2013ի նախագահական ընտրութեանց քաղաքական զաւեշտը վերջ գտաւ Հայաստանի մէջ։
Ինչպէս որ ընտրութեանց համար խնամքով մշակուած բեմագրութիւնը կը նախատեսէր, պետական իշխանութեանց նախագահական թեկնածուն ստացաւ քուէներուն աւելի քան 58 տոկոսը (նախատեսուածէն քիչ մըն ալ աւելի), իսկ քուէարկութեանց մասնակցեցան ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն աւելի քան 61 տոկոսը (նախատեսուածէն քիչ մը պակաս)։
Ընտրազանգուածի ընդդիմադիր հատուածին սիրտը զովացնող անակնկալի բաժին ալ [...]
February 20th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ իր աւարտին մօտեցող եւ պաշտօնապէս ու օրինականօրէն «նախագահական ընտրութիւններ» հռչակուած, բայց էապէս ժողովրդավարական ընտրութեանց միայն նմանակումը բեմադրող քաղաքական զաւեշտին կարծէք կը պակսէր սոսկ suspense-ի՝ անձկալից անորոշութեան դրոշմը։
Այդ մէկն ալ փաստօրէն ունեցանք նախագահական թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձով եւ անոր հետեւող քուէարկութեանց Փետրուար 18ի ժամկէտը յետաձգելու կամ չյետաձգելու «հետաքրքրաշարժ» դրուագով։
Մահափորձէն ետք, դեռ [...]
February 13th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Տասը օր ալ դիմանանք եւ անհամ ու սնամէջ այս քարոզարշաւի խաժամուժն ալ կ՛անցնի ու կը նետուի մեր նորագոյն պատմութեան աղբանոցին մէջ։
Փետրուար 16ին վերջ կը գտնէ նախագահական ընտրապայքարին համար օրէնքով նախատեսուած քարոզարշաւի ժամանակաշրջանը։ Հանգիստ շունչ կը քաշենք բոլորս, բայց մանաւանդ հայրենի ընտրազանգուածը, որուն ոչ միայն քուէին, այլեւ՝ մտածելու եւ կողմնորոշուելու իրաւունքին վրայ բռնանալու անուանապէս «ժողովրդավարական», [...]
February 6th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թրքական պետութեան ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, իր սահմաններէն ներս թէ դուրս կիրարկած այլամերժութեամբ, այդ շարքին նաեւ ու մանաւանդ հակահայ իր դրսեւորումներով, երբեք քուն չունի, ոչ ալ հանգիստի համար դադար կ՛առնէ.–
Չունէր կէս դար առաջ, երբ Պաղ Պատերազմը նոր կը սկսէր եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը վստահէին Թուրքիոյ, Իրանի եւ Փաքիստանի հետ միասին, Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա [...]
January 30th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հանճարեղ Պարոնեանը իրաւունք ունէր պնդելու, որ լալու փոխարէն պէտք է ծիծաղիլ մեր թերութեանց վրայ, որպէսզի կարենանք տոկալ ու գոնէ չմեռնի զանոնք սրբագրելու յոյսը։
Այդ առումով վստահաբար իրաւացի են հայրենի այն հրապարակախօսները, որոնք երկու օր առաջ պաշտօնապէս սկսած ընտրական քարոզարշաւին առաջին իսկ քայլերէն նախընտրեցին թափ տալ իրենց երգիծական շնորհներուն, որպէսզի ըստ երեւոյթին թէ՛ իրենք, թէ՛ քուէի [...]
January 23rd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Արդէն գաղտնիք չէ, ոչ ալ զարմանք կը պատճառէ այլեւս, որ Հայաստանի 2013ի նախագահական մրցապայքարին գլխաւոր առանձնայատկութիւնը անոր ըստ ամենայնի կանխորոշուած ըլլալն է։
Ոչ ոք կը տարակուսի, որ Հայաստանի գործող նախագահը պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար հանրապետութեան նախագահ պիտի վերընտրուի։
Նաեւ ոչ ոք անակնկալի պիտի գայ, եթէ առանց լուրջ մրցակիցի յառաջ մղուող նախագահական այս ընտրութեանց՝ մասնակցութիւն բերէ [...]
January 16th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Միայն հայ իրականութեան մէջ ու մեր ժողովուրդին պարագային չէ, որ մարդոց հաւատքը տկարացած է գաղափարներու եւ իտէալներու հանդէպ, անոնց շարժիչ ուժին ու առաջնորդո՛ղ դերակատարութեան նկատմամբ։
Ընդհանրապէս ամբողջ մարդկութիւնը կ՛ապրի գաղափարական հաւատքի ճգնաժամ մը, որ կը դրսեւորուի ընկերային շարժումներու, քաղաքական հոսանքներու եւ անոնց դրօշակիր կուսակցութեանց հանդէպ համատարած հիասթափութեամբ։
Նոյնքան ընդհանրական բնոյթ ունի համաշխարհային այս ճգնաժամի յաղթահարման համար [...]
January 9th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Այն օրէն, որ վերանկախացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեծ հարցական մը կը թեւածէ հայ քաղաքական մտքի հորիզոնին վրայ։
– Հիմա որ իրականացած է երազը, ո՞րն է աշխարհասփիւռ հայութեան հաւաքական ուժն ու կամքը միաւորող, գաղափարական հաւատքը ամրապնդող եւ ազգային ինքնահաստատման շարժումը խթանող իտէալը։
Մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումն ալ ազգովին կը դիմագրաւէինք հարցադրումը, բայց ոչ այսօրուան իր հնչեղութեամբ ու գաղափարական խորութեամբ։
Որովհետեւ [...]
January 2nd, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
18 Փետրուար 2013ի ՀՀ նախագահական ընտրութեան ընդառաջ, Դեկտեմբեր 15ին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը գումարեց իր «արտահերթ համագումար»ը, որուն ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ղեկավարած կուսակցութեան կողմէ պաշտօնապէս թեկնածու առաջադրուեցաւ նախագահական պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի մը համար։
Ակնբախօրէն, բացի իր անուանումէն, արտահերթ ոչինչ ունէր «Հանրապետական»ին համագումարը։ Պարզապէս, ՀՀ ընտրական օրէնքին տառը յարգելու համար, Հայաստանի գործող նախագահը օրինականութեան նմանակումի [...]
December 19th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Խուլերու… խօսակցութեան կը հանդիպինք ոչ միայն սովորական մեր առօրեային մէջ, այլեւ ու մանաւանդ քաղաքական բեմահարթակի վրայ, երբ դերակատարները՝ գործիչներ, խմբաւորումներ թէ կուսակցութիւններ պարզապէս իրենց տեսակէտը կը կրկնեն, առանց լսելու մրցակիցին կամ հակառակորդին ըսածը։
Աւելի՛ն. քաղաքական կեանքի մէջ կիրարկուող խուլերու խօսակցութիւնը, բաղդատած սովորական կամ առօրեայ իր նախատիպին, յղկուած ու կատարելագործուած է այն աստիճան, որ ուղղակի ճարտասանական [...]
December 12th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 10ին, Արցախի հայութեան հետ, մեր ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերէն կը տօնէ 21րդ տարեդարձը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէին:
Հայկական երկրորդ հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուեցաւ Դեկտեմբեր 1991ի այս օրը, երբ Արցախի հայութիւնը միահամուռ շարքերով դիմեց քուէատուփ, որպէսզի միասնական իր ձայնով «Այո՛» պատասխանէ Անկախութեան հանրաքուէին:
Այդ օրերուն Խորհրդային Միութիւնը դեռ չէր լուծարուած՝ առնուազն պաշտօնապէս ու իրաւականօրէն: Իսկ ատենին [...]
December 10th, 2012
| Posted in Յօդուածներ, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մարդն էվոլյուցիայով է փոխւում, ոչ թէ՝ ռեւոլյուցիայով:
Մարդուն աւելի բնորոշ է առաջնորդի յետեւից գնալը եւ, ըստ իս,
այդ դերն այսօր Սերժ Սարգսեանին է հէնց վերապահուած:
ԱԼՎԱՐԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ, ՀՀ մօտալուտ նախագահական ընտրութեանց մասին Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան Առաջին Լրատուականէն ելոյթ ունենալով, իշխանաւոր ճամբարին մերձաւոր քաղաքական գործիչ մը «ամենայն լրջութեամբ» դիտել կու տար, թէ այսօրուան գործող նախագահէն [...]
December 5th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Միայն երեք ամիս մնացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութեան, բայց Հայաստանի տեղեկատուական դաշտը յագեցնող քաղաքական ուժերու նախընտրական խմորումներէն անդին դեռ տեսանելի չէ, որ մեր ժողովուրդը կը պատրաստուի իր քուէն գործածելու ի սպաս նախագահական նոր իշխանութեան մը ժողովրդավարական ձեւաւորումին։
Ընդհակառակն՝ Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն ուշադիր հետեւողն անգամ կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, թէ գործող նախագահը արդէն ապահոված է [...]
November 28th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Հիմա ազգն ամբողջանում է: Էս նոր սերնդի մէջ կը լինի Նժդեհ, Խաչատրեան, Կոմիտաս… էս հանճարները նորից կը ծնուեն»։
Աղասի Այվազեան
Նկատի առէք, օրինակի համար, միջազգային թէ շրջանային տեղեկատուական լրահոսի նորագոյն հրապարակումներէն երկուքը, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի, մօտէն կամ հեռուէն կ՛առընչուին հայ ժողովուրդի երթին ու դիմագրաւած հարցերուն.
– Ատրպէյճանի նախագահը կը յայտարարէ, թէ իր երկրին գլխաւոր թշնամին «Հայկական [...]
November 21st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Անունն ու առաքելութիւնը արդէն արմատաւորուած են հայ իրականութեան մէջ եւ անբաժանելի մասը կը կազմեն ազգային ինքնահաստատման մեր ոգորումի զինանոցին։
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը իր ստեղծման օրէն՝ 1992էն իսկ արժանացաւ համազգային ընդառաջումի, լայն արձագանգ գտաւ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակներուն մօտ եւ, ամէնուր, շօշափելի նուիրաբերում ապահովեց ի սպաս իր առաջադրած թիրախներու իրագործման համահայկական զօրաշարժին։
Քսանամեայ իր երթը դիւրին չսկսաւ [...]
November 14th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(Թուրքիոյ Քաղաքական Առաջադրանքը Պարզ Է, Հայաստանի Եւ Հայութեան Թիրախը Ի՞նչ Է)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետը վերջերս, պետական բարձրագոյն մակարդակի մեծ պատուիրակութեամբ մը, այցելեց Գերմանիա եւ Պերլինի մէջ պաշտօնական բացումը կատարեց երկրագունդի տարածքին կառուցուած թրքական մեծագոյն դեսպանատնային համալիրին։
Թրքական պատուիրակութեան Գերմանիա այցելութիւնը առիթ ծառայեց, որպէսզի ինչպէս վարչապետներ Էրտողան եւ Մերքել, նոյնպէս եւ գերմանական ու միջազգային մամուլի մեկնաբանները յատուկ քննարկման [...]
November 7th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Նիւ Եորք Թայմզ»ը, 30 Հոկտեմբերի իր համարով եւ շարժանկարային արուեստի նորութեանց նուիրուած բաժնով, լոյս ընծայեց ուշագրաւ մեկնաբանութիւն մը թրքական շարժանկարի աշխարհը վերջերս ողողած՝ Օսմանեան Ժամանակաշրջանը վերակենդանացնող ժապաւէններու «զգայացունց» նորոյթին վերաբերեալ։
«Կարծէք Օսմանեան ժամանակաշրջանը բնաւ չաւարտեցաւ» ընդհանուր խորագրին տակ, միջազգային մեծ համբաւի տէր ամերիկեան թերթը կարեւորութեամբ տեղ տուած է Dan Bilefskyի նկարազարդ մէկ նիւթին, որ կ՛անդրադառնայ [...]
October 31st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ոմանք կը գրեն, թէ սուրիական տագնապը կրնայ վերածուիլ, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն համար, նորօրեայ «վիեթնամեան թնճուկ»ի մը։
Ուրիշներ ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ Սուրիան կրակի եւ արեան մէջ խեղդող «քաղաքացիական պատերազմ»ը յղի է… ամբողջ տարածաշրջանը հրկիզելու եւ պայթեցնելու վտանգով։
Նաեւ կան պնդողներ, թէ ամբողջ եղածը մեծապետական մրցապայքար մըն է՝ ի խնդիր Սուրիոյ ճամբով ամբողջ Արաբական Աշխարհն ու [...]
October 24th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Թուրքիոյ Շրջանային «Ոստիկան»ի Յարաճուն Դերակատարութեան Վտանգաւոր Հետեւանքները
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ, միջազգային հանրային կարծիքը յանկարծակի ողողուեցաւ թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած եւ միջազգային գործակալութեանց լայն արձագանգին արժանացած ա՛յն լրատուութեամբ, թէ թրքական իշխանութիւնները ստիպած էին դէպի Հալէպ, Թուրքիոյ օդային տարածքով, թռիչք կատարող հայաստանեան օդանաւի մը, որ պարտադիր էջք կատարէ Էրզրումի (Կարնոյ) օդակայանը, որպէսզի թրքական պատկան սպասարկութիւնները ստուգման [...]
October 17th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՄԻՆՉ ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵԼ, ԱՆԳԱՐԱ ՆՈՐ ԹԱՓ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹՐՔԱՄԷՏՆԵՐՈՒ… ՆԵՐԳՐԱՒՈՒՄԻՆ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Համացանցի վրայ վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկանքի մը համաձայն՝ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը (արտաքին գործոց նախարարութիւնը) ձեռնարկած է թուրքեւամերիկացի երիտասարդ քաղաքական գործիչներու պատրաստութեան ու վարժեցման յատուկ ծրագիրի մը գործադրութեան։
Ծրագիրը կը կրէ «Երիտասարդ Թուրքիա–Երիտասարդ Ամերիկա. Նոր յարաբերութիւններ՝ նոր դարաշրջանի մը [...]
October 10th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱ՞Ր, ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱ՞Զ, ԹԷ՞ ԵՐԿՈՒՔՆ ԱԼ ՄԻԱՍԻՆ ՈՒ ԲԱՆ ՄԸՆ ԱԼ ԱՒԵԼԻ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մինչ վրացի մեր դրացիները, Անդրկովկասի մէջ, կը յաջողին տիրանալ ժողովուրդի քուէով իշխանափոխութիւն իրագործելու ախոյեանութեան, ասդին՝ Հայաստանի մէջ, մենք կը շարունակենք օրէ օր աւելիով խրիլ ժողովրդավարական ոչ մէկ հեռանկար խոստացող նախագահական նոր ընտրութեանց աւազուտքին ու ոլորապտոյտին մէջ։
Ժողովրդավարական մրցավազքի հարց չունինք, անշո՛ւշտ, մանաւանդ անմիջական [...]
October 3rd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի յաջորդ նախագահական ընտրութեան օրէնքով մնացած են միայն ամիսներ։
Դեռ պաշտօնապէս չէ սկսած ընտրապայքարը, որքան ալ օրէ օր, իրողապէ՛ս, աւելի ու աւելի զգալի կը դառնայ 2013ի նախագահական ընտրութեան եռեւեփումը։
Իսկ մեր երկրի քաղաքական առօրեային հետեւողը կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստան այսօր կը գտնուի ոչ թէ նոր իշխանութիւն մը ընտրելու սեմին, այլ նոր ընտրուած նախագահի մը [...]
September 19th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ մարդոց համար անակնկալ չէր, անշո՛ւշտ, որ այս աստիճան բուռն ու համազգային տարողութիւն ունեցաւ, աշխարհով մէկ, հայ ժողովուրդին բարձրացուցած բողոքի, դատապարտումի եւ ցասումի ալիքը՝ հունգարեւատրպէյճանեան մեղսակցութեամբ նիւթուած «Սաֆարով գործարք»ին դէմ։
Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի հայասպանին միջպետական կաշառքով, այլեւ միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց շրջանցումով թէ՛ ոտնակոխումով կատարուած ազատ արձակումը ինչպէս անթոյլատրելի, այնպէս ալ տակաւին բաց [...]
September 12th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի հայասպան ոճրագործը այսպէս՝ օր–ցերեկով միջ–պետական կաշառքով ազատ արձակելու հունգարեւատրպէյճանական նորայայտ գործարքը մեր դարու այն կեղտաջրուած մետալներէն է, որոնք միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց կամակոր ոտնակոխման ամօթանքով կը խարանեն քաղաքակիրթ մարդկութեան ճակատը։
Եւրոպայի ծոցին մէջ եւ միջազգային հանրային կարծիքի սահմռկած աչքերուն առջեւ պարզուած գայթակղութիւնը փաստօրէն սկիզբ ունի, բայց ոչ վերջ ունի եւ [...]
September 5th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի հայասպան ոճրագործը այսպէս՝ օր–ցերեկով միջ–պետական կաշառքով ազատ արձակելու հունգարեւատրպէյճանական նորայայտ գործարքը մեր դարու այն կեղտաջրուած մետալներէն է, որոնք միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց կամակոր ոտնակոխման ամօթանքով կը խարանեն քաղաքակիրթ մարդկութեան ճակատը։
Եւրոպայի ծոցին մէջ եւ միջազգային հանրային կարծիքի սահմռկած աչքերուն առջեւ պարզուած գայթակղութիւնը փաստօրէն սկիզբ ունի, բայց ոչ վերջ ունի եւ [...]
September 5th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայոց Մայրենին իր զարգացման բարձրակէտին հասած էր մինչեւ Առաջին աշխարհամարտն ու թրքական պետութեան գործադրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման եւ Հայաստանի ապահայացման ցեղասպանական ծանրագոյն ոճիրը։
19րդ դարու վաթսունականներէն թափ առած հայոց աշխարհաբարի նուիրագործման, յղկման եւ զարգացման համատարած ու առոյգ շարժումը, թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ իր զոյգ եւ անբաժանելի թեւերով, 20րդ դարու առաջին տասնամեակին արդէն նուաճած էր [...]
August 29th, 2012
| Posted in Մշակոյթ, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Հո՛ն է միայն, որ կրնայ գտնել ամէն հայ կրկին
Խաժամուժի մէջ օտար կորսնցուցած իր հոգին,
Անցեալն անհուն եւ ներկան, նոյնիսկ մթի՜ն ապագան…
ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ
Խօսքը չի վերաբերիր միայն հայոց լեզուի նահանջին, որուն դէմ ահազանգը շատոնց հնչեցուցած են Շահան Շահնուր եւ իր Սերունդը։
Ոչ ալ ի մտի ունի հայոց լեզուի երկու ճիւղերուն սպառնացող [...]
August 22nd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սուրիական տագնապը եւ իբր թէ զայն դիմագրաւելու մեծապետական մրցապայքարը «հանդիսաւոր» առիթ մը եղան, որպէսզի աշխարհաքաղաքական բեմահարթակը գրաւած ուժերուն մեծ մասը, միջազգային հանրութեան անձկալից աչքերուն առջեւ, մերկացուի իր բարոյական ու իրաւական, ժողովրդավարական եւ գաղափարախօսական կեղծ պատմուճաններէն։
Սուրիոյ մէջ եւս այսպէս կոչուած Արաբական Գարնան ժամանումը ողջունելու եւ քաջալերելու ամբոխավարութեամբ ռազմադաշտ իջած ուժերը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ ու, [...]
August 15th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Վստահաբար յաւակնոտ կը հնչէ խորագիրը։
Ի վերջոյ Հայաստանն ու հայութիւնը ի՜նչ կշիռ կը ներկայացնեն Մերձաւոր Արեւելքի մեծ քարտէսին, կամ՝ մինչեւ իսկ նոյնինքն Սուրիոյ քարտէսին վրայ, որ այդպէս յաւակնոտ կերպով Հայկական Ռազմավարութեան ընտրանքներու հարց, այլեւ օրակարգ կը դրուի հայ քաղաքական մտքին առջեւ։
Անկասկած որ, նախ, Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմը իր անդրադարձներով շատ մեծ է եւ վեր է [...]
August 8th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ամիսներէ ի վեր Սուրիա կը գալարուի աշխարհաքաղաքական ու ներքին–քաղաքացիական ծանրակշիռ տագնապի մը մէջ։
Միջին–արեւելեան տարողութեամբ ընդգրկուն այդ տագնապին ռազմաքաղաքական կործանիչ հետեւանքները արդէն վտանգած են անդորրն ու ապահովութիւնը ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ, նոյնպէս եւ անոր բնակչութեան անբաժան մասը կազմող հայկական գաղութին։
Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, տարի մը առաջ, ուսանողական եւ երիտասարդական ցոյցերով ծայր առած քաղաքացիական բողոքի շարժումը արագօրէն [...]
August 1st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Արդարօրէն մեր ազգային ինքնավստահութիւնը ամրապնդեցին եւ հպարտութիւն ներշնչեցին ամերիկացի քոնկրէսականներու ողջոյնի յայտարարութիւնները՝ Արցախի 19 Յուլիսի նախագահական ընտրութեանց առիթով։
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, երկու օր առաջ հայ ընթերցողին եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքին ուշադրութեան յանձնեց Արցախի նախագահական վերջին ընտրութեանց մասին ամերիկացի քոնկրէսականներու միաձայն այն վկայութիւնը, թէ անազատ ու ոչ–ժողովրդավար երկիրներով շրջապատուած ըլլալով հանդերձ՝ Արցախի [...]
July 25th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 14ի Ֆրանսայի ազգային տօնը՝ Պասթիյի բռնադատումի ամրոցին խորտակման տարեդարձը առիթ մը եղաւ, որպէսզի Հայաստան եւս, իր կարգին, իւրովի մասնակցութիւն բերէ մարդկային իրաւանց ու քաղաքացիական ազատութեանց հռչակման ու պաշտպանութեան միջազգային ոգեւորումին։
Հայաստանի նախագահը յատուկ ուղերձով շնորհաւորեց Ֆրանսայի տօնը եւ վերահաստատեց իր կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու եւ ամրապնդելու ինչպէս Ֆրանսայի հետ երկ–կողմ յարաբերութեանց զարգացման, նոյնպէս եւ ընդհանրապէս [...]
July 18th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(Խմբագրական «Առաւօտ»ի – 10 Յուլիս 2012)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Հարսնաքար»ի ողբերգական ոճիրին յաջորդած Հայաստանի ներ–քաղաքական մթնոլորտին վերաբերեալ, ենթախորագրով մէջբերուած իր ընդհանրացումով, «Առաւօտ» թերթին գլխաւոր խմբագիրը մատը կը դնէ վէրքի մը վրայ, որ միայն այս օրերուն յատուկ չէ եւ կրնայ ախտանշական ըլլալ՝ քսանամեակէ մը ի վեր մեր երկիրն ու հասարակութիւնը յուզող քաղաքացիական խոր տագնապը բնութագրելու առումով։
Խօսքը կը վերաբերի վերանկախացեալ [...]
July 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ուսումնական տարեվերջի այս օրերուն, ամրան տաք եղանակի արագընթաց մագլցումի բնական հոսանքին հետ, ջերմութեան տարբեր՝ ոգեղէ՛ն լիացման ալիք մը կը համակէ նաեւ հայ կեանքը, կը զովացնէ մեր բոլորին ներաշխարհը։
Ծնողը արդար հպարտութեամբ կ՛ապրի իր պարտքը կատարած մարդու գոհունակութիւնը՝ ի տես զաւկին կտրած յառաջխաղացքին դէպի աղբիւրը լոյսին երկարող ճամբուն վրայ։
Ուսուցիչը վերանորոգ ինքնավստահութեամբ իր շրջապատին կը հրամցնէ արգասիքը [...]
June 20th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քաղաքական ռումբի մը պէս, Յունիս 12ին, պայթեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կից գործող Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) տարածած յայտարարութիւնը՝ ՀՀ նախորդ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի դէմ յարուցուած քրէական դատին եւ ձեռնարկուած նախաքննութեան մասին։
Իրաւաբանական եզրերով ու մասնագիտական յղումներով ձեւակերպուած ԱԱԾի յայտարարութեան թէեւ քաջածանօթ է արդէն հանրային կարծիքը, այսուհանդերձ՝ դժուար է ճշդել, թէ հասարակ մահկանացուներուս ո՞ր տոկոսը [...]
June 13th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(Որպէսզի սոսկ կարգախօս չդառնայ… իշխանափոխութիւնը)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Արդէն ամիս մը անցած է Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ասդին եւ կեանքը երեւութապէս վերադարձած է նախքան ընտրութիւնները տիրող սովորական մթնոլորտին, կարծէք ոչինչ փոխուած է հայրենի
երկնակամարին տակ։
Հայաստանի հայը սրամիտ է եւ իրաւացիօրէն կը զարմանայ ու հարց կու տայ փոփոխութիւն սպասողներուն, թէ ինչո՞ւ պէտք է բան փոխուէր արեւուն տակ։ Չէ՞ որ ընտրութիւնները պէտք [...]
June 6th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Այս տարի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը կը բոլորէ իր քսանամեակը եւ այս օրերուն Երեւան հաւաքուած են հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդն ու Տեղական յանձնախումբերու ներկայացուցիչները՝ իրենց ամէնամեայ լիագումար ժողովը ունենալու համար։
Թէեւ հերթական ու աշխատանքային բնոյթ ունի հիմնադրամի պատասխանատուներուն հանդիպումը, այսուհանդերձ՝ թէ՛ այս տարուան յոբելինական առիթը, թէ՛ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին արմատաւորման ու հասունացման փաստը բաւարար հիմք են, որպէսզի [...]
May 30th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ժողովրդավարութիւնը նպատակ չէ հասարակութեանց զարգացման համար։ Ազատութիւնը, անկախութիւնը, հաւասարութիւնը, արդարութիւնը, ընկերային համերաշխութիւնը եւ բարօր կեանքը հասարակութեանց համար կրնան նպատակներ ըլլալ, բայց ժողովրդավարութիւնը այդ նպատակներուն հասնելու միջոց մըն է միայն։
Հասարակական գիտութեանց տարրական դասանիւթերուն մէջ ամրագրուած է այս ճշմարտութիւնը։ Քաղաքագիտութեան թէ իրաւագիտութեան, տնտեսագիտութեան թէ ընկերաբանութեան, փիլիսոփայութեան թէ զանգուածային հոգեբանութեան ուսանողները, տարրական գիտելիքի եւ ուսմունքի կարգով, ժողովրդավարութեան [...]
May 23rd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թէեւ «մաքսանենգութիւն» բառը լրիւ չ՛արտայայտեր անգլերէն «trafficking» բառով ընկալուած իմաստն ու հասկացութիւնը, այսուհանդերձ՝ «ապօրինի առուծախ» ենթադրող «մաքսանենգութիւն»ը առաւելագոյն չափով հասկնալի կը դարձնէ այսօրուան մտածումին խնդրոյ առարկայ հասարակական չարիքը։
Նաեւ՝ լեզուամտածողութիւն յղկելու նախանձախնդրութենէն չի թելադրուիր, որքան ալ ինքնին կարեւոր ըլլայ այդ մէկը եւս, մաքսանենգութիւն եւ trafficking բառերու նոյնիմաստ նշանակութեան վրայ դրուած այս շեշտը։
Բառեզրի ընդգծումը կը բխի, [...]
May 16th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՀ Ազգային Ժողովի Մայիս 6ի ընտրութիւնները արդէն անցեալ պատմութիւն են։
Ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններով՝ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը «մաքուր» յաղթանակ տարաւ եւ աշխարհին ու յատկապէս մեր ժողովուրդին հասկցուց, որ իր ձեռք բերած «ձայն բազմաց»ի քուէով ինք եկած է մնալու Ազգի եւ Հայրենիքի պետական տան ղեկին։
Յաղթականը անվիճելիօրէն Հայաստանի նախագահն է, թէեւ պր. Սերժ Սարգսեան ինք ալ պիտի [...]
May 9th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սոսկ զուգադիպութիւն էր, անշուշտ, որ Մայիս 6ի ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները հունաւորող նախընտրական քարոզարշաւին վերջին այս շաբաթը սկսաւ Մայիս 1ի Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան Օրուան նշումով՝ համապատասխան կարգախօսներու եւ առաջադրանքներու ճարտասանական արծարծումով։
Այսուհանդերձ՝ ընտրապայքարի քաղաքական խճանկարին վրայ նետուած ուշադիր հայեացք մը բաւարար պիտի ըլլայ ընդգծելու համար, որ ընդհանրապէս ալ ընկերատնտեսական եւ լայն ընդգրկումով հասարակական օրակարգը գերիշխող [...]
May 2nd, 2012
| Posted in Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Պատմութեան նայելու եւ անցեալին վրայ քննական հայեացք նետելու մէկ ու միակ դիտանկիւն գոյութիւն չունի, անկասկա՛ծ։
Նոյնպէս եւ պատմական իրադարձութիւնները արժեւորելու եւ անցեալի դասերը բանաձեւելու մէկ, միակ ու հանրապարտադիր մեկնաբանութիւն չկայ, չի կրնար գոյութիւն ունենալ։
Եւ լաւ է, որ այդպէ՛ս է, որպէսզի միտքը միշտ բանի եւ անկաշկանդ որոնէ ճշմարտութիւնը։
Որպէսզի անցեալի կենսափորձը ծառայէ ներկան ճիշդ հունաւորելու եւ լաւագոյն [...]
April 25th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 8ին պաշտօնապէս սկսաւ Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութեանց քարոզարշաւի փուլը, որ օրէնքով պէտք է աւարտի Մայիս 4ին, որպէսզի քուէարկող քաղաքացին օր մը հանգիստ ժամանակ ունենայ, առանց խանգարուելու, իր վերջնական կողմնորոշումին մասին մտածելու եւ եզրակացութեան յանգելու համար։
Իսկ քարոզարշաւի առաջին քայլերէն ակներեւ է, որ նախընտրական մրցավազքի բոլոր մասնակիցներն ալ հրապարակ նետուած են գլխաւոր երկու թիրախի հասնելու [...]
April 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
– Թափանցիկ, օրինապահ եւ մաքո՞ւր… ինչու ո՛չ.
Բայց «մնացեալին» համար… տակաւին պէտք է սպասել
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 6ին մնացած է ամիս մը եւ Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտը ըստ երեւոյթին լրիւ պատրաստ է… խորհրդարանական ընտրութեանց «օրինակելի» մրցավազքին համար։
Այո՛, անհրաժեշտ բոլոր երեւոյթները կան, որպէսզի ուշադիր հետեւողը ստանայ այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստան Մայիս 6ին իրապէ՜ս պիտի ունենայ իր «ամէնէն լաւ ընտրութիւնները», ինչպէս [...]
April 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ինչո՞ւ ՀՀ նախագահը չի հասկնար իր ժողովուրդին պահանջած փոփոխութիւնը, որ՝ իշխանափոխութի՛ւնն է
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Մեր պետութեան ու հասարակութեան մէջ կան բազմաթիւ բացասական երեւոյթներ, որոնք մենք ժառանգել ենք անցեալից, եւ որոնք շարունակւում են իներցիայով։ Փոխել՝ նշանակում է առաջին հերթին յաղթահարել այդ իներցիան եւ արմատաւորել նոր աւանդոյթներ։
«… Իսկ ի՞նչն է մեզ խանգարում փոխել։ Մենք ո՞ւմից ենք պակաս։ Փոխե՛նք, որ [...]
March 14th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԵԹԷ ՄԵՐ ԱՆՑԵԱԼԸ ԿԸ ՊԱՐՏԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ,
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ԵՒՍ ՎՍՏԱՀԻԼ ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴԻՆ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մտերիմ ընկեր մը վերջերս, էլեկտրոնային իր նամակով, արդարացիօրէն դիտել կու տար, թէ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ երեսնամեակին՝ 1890–1920ականներուն, հայ ժողովուրդին ազգային–քաղաքական ղեկը իրենց ձեռքն առած էին երիտասա՛րդ գործիչներ, ինչպէս Արամն ու Ս. Վրացեանը։ Իսկ ներկայիս, ազգային մեր կառոյցներն ու [...]
March 7th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու հակահայ թրքամոլութեամբ կատղած զանգուածները մեծագոյն ցնծութեամբ ողջունեցին Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին վերջին՝
Փետրուար 28ի որոշումը, որ «հակասահմանադրական» հռչակեց Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան զոյգ պալատներուն կողմէ հաստատուած՝ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն ու օրէնքով պատժելի իրաւախախտում յայտարարող հանրածանօթ օրինագիծը։
Եւ ինչպէ՜ս չցնծար հայասպան Թուրքիան, որ ուղղակի մոլեգնած էր ի լուր եւ ի [...]
February 29th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Դիվերսիֆիկացուած սերժամէտութիւն»ը, «գեներալական առնէտավազք»ը եւ…
«նոր խորհրդարանում քաղաքական նոր յարաբերակցութիւն ստեղծելու» հեռանկարը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նախընտրական պայքարի մթնոլորտ կը տիրէ հայրենի կողմն հայաշխարհի։ Ներ–քաղաքական զարգացումներու սլաքը կեդրոնացած է յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց վրայ, որոնց
արդիւնքէն շատ բան կախեալ է՝ ոչ միայն գալ տարուան նախագահական ընտրապայքարին, այլեւ՝ ընդհաaնրապէս մեր երկրի կառավարման հետագայ վարքագծին ու արտաքին քաղաքականութեան առումներով։
Երեւութապէս այնքան ալ բուռն ու շիկացած [...]
February 22nd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«ԵՐԿԻՐ»
Մեր հասարակութեան մեծամասնութիւնը առաջնորդւում է այն սկզբունքով, որ ոչինչ հնարաւոր չէ փոխել, ինչը յանգեցնում է խոր նիհիլիզմի, յարմարուողականութեան կամ արտագաղթի:
Մաշտոցի պուրակում հաւաքուած երիտասարդներն իրականում կռիւ են տալիս ոչ թէ մի քանի կրպակների ապամոնտաժման (կազմաքանդման-Խմբ.), այլ այս կարծրատիպը փշրելու համար: Նրանք, նոյնիսկ ծայրայեղ միջոցների դիմելով, փորձում են ցոյց տալ, որ անհնարին թուացողը կարելի է ու պէտք [...]
February 22nd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը, քանի մը օր առաջ Աթէնք կատարած իր այցելութեան ընթացքին, յունահայութեան հետ հրապարակային հանդիպում մը ունենալով եւ ազատագրեալ Արցախի կտրած ուղին, ներկայ հանգրուանը եւ վաղուան հեռանկարները ներկայացնելով՝ ի միջի այլոց դիտել տուաւ, թէ Արցախի պայքարին խորքը քաղաքակրթական է, արժէքային ներհակ համակարգերու միջեւ բախումն է։
Նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնապէս գործի՛ մարդ է եւ [...]
February 15th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՀ Ազգային ժողովի Պետա–իրաւական Հարցերու յանձնաժողովը Փետրուար 15ին հրաւիրած է խորհրդարանական լսումներ՝ «100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցում կատարելու հարց»ի քննարկման օրակարգով։
Մեր երկրին մէջ գործող օրէնսդրութեամբ, Ազգային ժողովը կը բաղկանայ 131 պատգամաւորներէ, որոնց 90ը կ՛ընտրուի համամասնական, իսկ 41ը մեծամասնական ընտրակարգով (70 եւ 30 առ հարիւրի յարաբեկցութեամբ)։
Քսանամեայ իր անկախութեան ամբողջ շրջանին Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ պահպանած է [...]
February 8th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թրքական պետութեան դիւանագիտական ճկունութիւնն ու խորամանկութիւնը աշխարհահռչակ են։
Օսմանեան կայսրութեան նուաճման ժամանակներէն իսկ, թուրք քաղաքական միտքը նախանձելի ընդունակութեամբ կրցած է մէկ ձեռքով եաթաղանը անխնայ գործածել, իսկ միւսով՝ իրաւունքի եւ արդարութեան կշիռքով օրօրել իր մրցակիցներն ու մինչեւ իսկ… զոհերը։
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սկզբնական այս շրջանին եւս, թրքական պետութիւնը ի վիճակի է զարմացնելու եւ տպաւորելու միջազգային ընտանիքը՝ [...]
February 1st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանն ու հայութիւնը խորհրդարանական ընտրապայքարի տարին սկսան իւրայատուկ… աւետիսով մը։
Մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները աւետեցին, որ «Յունուարի 10ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով ձեւաւորուել է բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիկայի յանձնաժողովի կազմը, որի գործունէութեան տիրոյթը ներառելու է 500 բարձրաստիճան պաշտօնեաների գոյքի եւ եկամուտների վերաբերեալ յայտարարագրերի վերլուծութիւնը եւ հրապարակումը, շահերի բախման դէպքերի եւ էթիկայի կանոնների խախտումների յայտնաբերումը [...]
January 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քաղաքական հարցախոյզներու եւ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան հայրենի մասնագէտ մը, տարեվերջին, ինքնավստահութեամբ դիտել կու տար, թէ Հայաստանի 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը այժմէն իսկ նախատեսելի է։
Ահարոն Ադիբեկեանի համաձայն՝ ներկայ իշխանաւոր համախմբումը Ազգային ժողովի յառաջիկայ նորընտիր կազմէն ներս կ՛ունենայ 55 տոկոսի մեծամասնութիւն, Դաշնակցութիւնն ու Ժառանգութիւնը՝ 10ական տոկոս, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները համախմբող Հայ Ազգային Կոնգրեսը կ՛ապահովէ 25 տոկոսի [...]
January 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՇԱՒԱՐՇ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ, Երեւան
Հայ ժողովրդի այն տեսակը, որ իր կեանքի գնով, զէնքով, գրչով կա՛մ իր քրտինքով, միշտ տանում էր ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ծանր բեռը, ստեղծեց մեր փրկութեան կուսակցութիւնը՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Մեր ժողովուրդը ուրիշ ճանապարհ չունի:
January 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2011ը կը փակենք, ազգային–քաղաքական գետնի վրայ, դրական հաշուեկշռով։
Թէեւ ընկրկումներ արձանագրուեցան 2011ին եւս, բայց ձեռքբերումները գերակշռեցին։
Անշուշտ՝ յարաբերական առումով։
Բաղդատաբար 2010ին, հայ ժողովուրդը 2011ին յառաջխաղացք արձանագրեց որոշապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Տարի մը առաջ լուրջ դժուարութիւն ունէինք զիրար հասկնալու եւ, մանաւա՛նդ, ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները տարհամոզելու, որ «Հայեւթուրք Արձանագրութիւն»ն ու զայն կեանքի կոչող «Ֆութպոլային Դիւանագիտութիւնը» ի սկզբանէ անհեթեթ [...]
December 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
(Նիքոսիա, Կիպրոս)
Շուտով 2011ը կ՛անցնի պատմութեան գիրկը… Յիշենք միայն լաւն ու բարին, դասեր քաղենք մեր սխալներէն, լեցուինք նոր եռանդով ու սիրով դէպի կեանքն ու մարդիկ… եւ շարունակենք մեր կեանքի ճամբան նորոգ յոյսով ու հաւատքով…
December 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները իբրեւ «դասական» ու «աւանդական» կառոյցներ վարկազրկելու, մերժելու եւ այսպէս կոչուած «ժամանակակից» նորերով փոխարինելու փորձերն ու յաւակնութիւնները այնքա՜ն անհեռանկար են, որ առաջին ակնարկով կրնայ թուիլ, թէ անոնց դէմ այս աստիճան շարունակական ահազանգ հնչեցնելու կարիքը չկայ։
Բայց երբ քննական հայեացքով լուսարձակի տակ առնուին հինցած ու սպառած այդ քարոզարշաւին զուգահեռ հոսող եւ, իբր [...]
December 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները վերապրեցան ժամանակի մաշումէն, որովհետեւ եղա՛ն սերունդներու անձնուիրութեամբ նուաճուած գաղափարական ու կազմակերպական աւանդներու եւ բարոյական արժէքներու հաւատարիմ ու հաւատաւոր ժառանգորդը։ Աւելի՛ն. եղան ժառանգուած աւանդն ու արժէքները ոչ միայն ինքնանպատակ պահպանող, այլեւ վերանորոգող, արդիականացնող եւ նոր հորիզոններու բացող գաղափարական կազմակերպութիւններ՝ ի սպաս ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան իրականացումին։
Կարելի է տարակարծութիւններ կամ [...]
December 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական կեանքի մէջ, անցեալի դրամագլուխը նկատի կ՛առնուի եւ արժէք կ՛ունենայ այն չափով, որքանով ժամանակին ու կեանքին հետ քայլ կը պահէ, կը գործարկուի եւ կը վերանորոգուի՝ նորովի արժէքներ ստեղծելով։
Անցեալը անկասկած դրամագլուխ է եւ արտասովոր չէ, որ անհատի մը կամ հասարակական միաւորի մը տեղն ու արժէքը կը չափուին անոր ունեցած կենսափորձով, դրսեւորած [...]
December 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս գրականութեան եւ արուեստներու մէջ, նոյնպէս եւ ազգային–հասարակական մտածողութեան մակարդակին, համաշխարհայնացման նորօրեայ խառնաշփոթը վտանգած է ըադհանրապէս իրաւ արժէքները։
Նորահաս եւ ազգային յիշողութիւն չունեցող մտածողը հրապարակ կ՛իջնէ տոն–քիշոթեան այն յաւակնութեամբ, որ ամէն ինչ իրմով կը սկսի եւ իրմով պէտք է իր վախճանին յանգի։
Կը բաւէ մօտէն հետեւիլ հայ քաղաքական մտքի համացանցային ցուցասրահներուն, տեսնելու եւ հաստատելու համար, որ [...]
November 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ակնբախ է, որ Հայաստան–Սփիւռք կամուրջներու հաստատման եւ ամրապնդման հետ, հայ քաղաքական միտքը կը դիմագրաւէ լեզուամտածողութեան մերձեցման եւ գաղափարական հաղորդակցութեան լուրջ դժուարութիւն։
Երբեմն նոյնիսկ խուլերու խօսակցութեան յանգող այդ դժուարութիւնը հետեւանք է մէկ կողմէ «խորհրդահայ դարաշրջանէն» յամեցող կարծրատիպերուն, իսկ միւս կողմէ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի կտրուկ հասարակափոխութեան հետ շրջանառութեան մէջ մտած քաղաքական նորելուկ բառապաշարին։
Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի կամ հայրենականի եւ [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ընդհանուր առմամբ ես դէմ եմ յեղափոխութիւններին, բացառութեամբ այն դէպքերի, երբ դրանք տեղի են ունենում քաղաքակրթութեան ոլորտում, այնպէս՝ ինչպէս ընդունուեց քրիստոնէութիւնը, ինչպէս եղաւ գրատպութեան, շոգեքարշի ստեղծման եւ, բնականաբար, համակարգիչների պարագայում: Սրանք ողջունելի յեղափոխութիւններ են:
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Թերեւս ուրիշներ եւս կամ շատեր տեղեակ չէին, բայց վերջերս բոլորս ալ պաշտօնապէս տեղեկացանք, որ Հայաստանի նախագահը դէմ է… յեղափոխութիւններուն։
«Հակայեղափոխական» իր կողմնորոշումին [...]
November 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մերն ուրիշ է…
Այն օրէն, որ Հայաստան թեւակոխեց ազատ–շուկայական յարաբերութեանց ոլորտ, «Մերն ուրիշ է» գովազդային յանկերգը ստացաւ ամէնէն տարածուն ու ազդու կարգախօսի ուժն ու ժողովրդականութիւնը։
Տեղին թէ անտեղի՝ ամէնուր տիրական դարձաւ սնապարծութեան ոչ մէկ սահման ճանչցող կամ յարգող «Մերն ուրիշ է» յաւակնութիւնը։
Նոյնիսկ իր շուկայ հանած անորակ կամ անմրցունակ ապրանքը գովազդելու համար, հայ «գործարարը» գտաւ մոգական գաւազանի [...]
November 9th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ ժողովրդավարութեան ճամբան ալ փշոտ է ու քարոտ։
Մինչեւ որ ժողովուրդ մը կարենայ իրապէ՛ս տէր կանգնիլ սեփական երկրի ու պետականութեան կառավարումը իր անկաշկանդ քուէով ձեւաւորելու եւ յառաջ մղելու իրաւունքին, վստահաբար շատ դժուարութիւններ եւ խութեր պիտի դիմագրաւէ, երբեմն նաեւ պիտի իյնայ ու ծունկը կամ/եւ քիթը պիտի արիւնէ։
Այդ ճամբէն անցած են, առանց բացառութեան, աշխարհի բոլոր [...]
November 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մտաւորականութիւնը Սկսած Է Թերահաւատութեամբ Նայելու Իր Առաքելութեան
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Գաղափարական քննարկումներու վայրեր կա՞ն այսօր: Ո՞ւր կարելի է գտնել նման գրականութիւն: Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական, հասարակական իւրայատուկ իրավիճակները կը դժուարացնե՞ն, թէ կը նպաստեն գաղափարական երկխօսութեան, բանավէճին: Հայ քաղաքական իրականութեան մէջ գաղափարական բանավէճ կա՞յ այս օրերուն: Եղա՞ծ է անկախութեան ամբողջ շրջանին:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Գաղափարական քննարկումները խոտոր կը համեմատին ներկայ դարաշրջանի [...]
October 26th, 2011
| Posted in Յօդուածներ, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Ընթերցողին Հասնելու Հայ Մտաւորականին Իրաւունքը Յարգեցինք». Նազարէթ Պէրպէրեան
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Ազդակ»ը եղած է հրապարակագրական կազմաւորման ձեր օրրանը։ Այդ օրերուն ի՞նչ էին հայկական լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան գլխաւոր յատկանիշները: Այսօրուան հետ բաղդատելով, ինչպիսի՞ հոլովոյթ ապրած է հայկական լրագրական մամուլը:
ՆԱԶՐԱԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- «Ազդակ»ի պատմութեան մէջ յատուկ շրջան մը սկսաւ 1971ին, երբ արդէն ՀՅԴ Լիբանանի Կ. Կոմիտէի պաշտօնաթերթ դարձած՝ «Ազդակ»ը սկսաւ լոյս [...]
October 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
ՉՈՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ
«Դրօշակ»ի չորրորդ ժամանակահատուածը կը սկսի 1986ին եւ վերջ կը գտնէ 2005ին: Այս հանգրուանին ՀՅԴ կեդրոնական պաշտօնաթերթին խմբագրութեան պաշտօնը կը վարէ Նազարէթ Պէրպէրեանը:
«Դրօշակ»ի թուղթի չափը 27×20.5 սմ. է, իսկ թուղթի որակը՝ ճերմակ փայլունի զարնող, ծաւալը երբեմն 42, երբեմն 50 կամ 74 էջով:
1986 թուականին դարձեալ վերահրատարակուող «Դրօշակ»ի մէջ գաղափարականութեան սկզբունքի կիրառման հաւաստիքը հանդէս կու գայ [...]
October 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստան–Սփիւռք կամրջումի օրակարգին փշոտ հարցերէն մէկը սեղանի վրայ կու գայ ամէն անգամ, որ
հրապարակ կ՛իջնէ հայրենիքին օգնութեան հասնելու, բայց «խելք տալու» փորձութենէն հեռու մնալու… մտայնութիւնը։
Ժողովրդային պարզութեամբ ըսուած՝ «դրամ տուէք, բայց խելք մի տաք» քարոզող այդ մտայնութիւնը մեր օրերուն, անշո՛ւշտ, այլեւս չի ներկայանար այդքա՜ն կոպիտ անկեղծութեամբ։ Արդէն մշակուած է քաղաքականապէս եւ կ՚արտայայտուի այնպիսի եզրերով, որոնք առնուազն [...]
October 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հին ու իր ժամանակը սպառած յանկերգ մը վերջերս դարձեալ լսելի դառնալու փորձ կը կատարէ։
Խօսքը կը վերաբերի Սփիւռքի «աւանդական կառոյցներ»ուն վրայ այս կամ այն ձեւի խաչ քաշելու յանկերգին, որ պարբերաբար կը հնչէ հայ քաղաքական մտքի բեմահարթակներէն։
Յանկերգի նորագոյն արձագանգին ականջալուր դառնալու առիթը ընծայուեցաւ այսպէս կոչուած «Եւրոպայի Հայերի Համագումար»ի մը կողմէ, որ Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին քսանամեակին վերաբերեալ [...]
September 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21 է դարձեալ եւ հայ ժողովուրդը, աշխարհով մէկ, արդար հպարտութեամբ կը տօնէ
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման քսանամեակը:
Ինչպէս քսան տարի առաջ, նաեւ այսօր մեր ժողովուրդը ոչ մէկ կասկած ունի, որ 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան Հանրաքուէի ժամանակ ճիշդ քայլ նետեց, երբ միաձայնութեամբ «Այո՛» պատասխանեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախ ապրելու պատմական հարցադրումին:
Անկախութեան առաջին քսան տարիները [...]
September 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի վերականգնումէն ասդին քսան տարի անցած է, ազգովին կտրած ենք պատմական կարեւորութեամբ նուաճումներու եւ ռազմավարական տարողութեամբ վերիվայրումներու բախտորոշ ճամբայ մը եւ, ահա՛, հասած–կանգնած ենք այսօրուան մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարման հրամայականին առջեւ՝ Ազգի ու Հայրենիքի վաղուան յաղթարշաւի ուղին ճշդորոշելու առաջնահերթ օրակարգով։
Արդէն քսանամեայ կենսափորձ ունինք ազգովին, որպէսզի առօրեայ եւ ընթացիկ քաղաքականութեան բաւիղներուն մէջ [...]
September 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակը առիթ է հաշուետուութեան ու պատասխանատուութեան ոգիով մօտենալու, քննարկելու եւ արժեւորելու, ազգովի՛ն, որքան մեր յաղթարշաւն ու նուաճումները, նոյնքան եւ մեր ընկրկումներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Իսկ քսանամեակի հաշուեկշռին գլխաւոր եւ առաջնային հարցը, անկասկա՛ծ, նոյնինքն 21 Սեպտեմբեր 1991ի Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէի պատմական մեծ քայլին պատասխանատո՛ւ արժեւորումն է։
Վճռահատումը քաղաքական եւ գաղափարական [...]
September 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան ու ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակը, բնականաբա՛ր, հպարտութեամբ կը համակէ ամէն հայու միտքն ու հոգին։
Քսան տարի պիտի ընէ շուտով, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը թօթափած են խորհրդային 70ամեայ ամբողջատիրութեան դառն ու դաժան լուծը։
Ոչ միայն հայրենի հողի վրայ ապրող հայութիւնը, այլեւ սփիւռս աշխարհի հայրենահան ու հողմացրիւ եղած հայու բեկորները, այս օրերուն, կը վերյիշեն 21 [...]
August 31st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Արտասովոր չէ, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր, տարբեր առիթներով, հայ քաղաքական միտքը կը պարզէ Պետութիւնն ու Իշխանութիւնը իրարու հետ շփոթելու եւ նոյնացնելու խարխափումներ։
August 24th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ հայ իրականութիւնը տագնապեցնող հիմնական վէրք մը կամ ծանրակշիռ վտանգ մը օրակարգի վրայ կու գայ, քննարկումները անխուսափելիօրէն կը յանգին հանրային կարծիքը սթափ ու զգօն պահելու անհրաժեշտութեան շեշտաւորումին։
Բնականաբար այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ հաւաքական՝ ազգային ու պետական որեւէ բարեկարգումի յաջողութեան համար, նախապայման է իր կարիքներուն, պահանջներուն եւ իրաւունքներուն տէր կանգնող, անոնց ձեռքբերումն [...]
August 17th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 23ին, Ծաղկաձորի մէջ, հայագիտական գիտելիքներու Համահայկական 5րդ Ողիմպիականին մասնակից ուսանողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի նախագահը պերճիմաստ ու թելադրական պատասխան մը տուած էր Արեւմտահայաստանն ու Արարատ Լեռը հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին վերադարձնելու քաղաքական հաւանականութեան վերաբերեալ երիտասարդի մը հարցումին։ Լրատու աղբիւրներու համաձայն՝ Սերժ Սարգսեան պատասխանած էր, թէ իր սերունդը պայքարեցաւ ու կրցաւ հայրենի հող [...]
August 3rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ Ազգային Կոնգրեսը ըստ երեւոյթին գոհ ու երջանիկ է, որ յաջողեցաւ պաշտօնական լուսարձակներու տակ երկխօսութիւն սկսիլ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած իշխանաւոր ճամբարին հետ։
Յայտնապէս գոհ ու երջանիկ կը թուի ըլլալ, իր կարգին, Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութեանց քաղաքական համախմբումը, որովհետեւ յաջողեցաւ իշխանաւորի իր դիրքերէն երկխօսութեան սեղան բերել [...]
July 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Տակաւին քանի մը ամիս առաջ ողջ աշխարհը զարմացնող եւ խանդավառող «Արաբական Գարուն»ը արդէն սպառած կը թուի ըլլալ համընդհանուր հիացմունքի եւ լաւատեսութեան ալիք բարձրացնելու՝ օրինակելի դառնալու իր սկզբնական ներուժն ու գրաւչութիւնը։
Անշուշտ այսօր ալ, ամէնուր, տակաւին կը տիրէ այն համոզումը, որ «Արաբական Գարուն»ը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու բոլոր ժամանակներուն համար ի զօրու ճշմարտութիւնը. թէ՝ ամէն [...]
July 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(Հայեւթուրք Յարաբերութեանց Գորդեան Հանգոյցը)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Եթէ Եւրոպայում մենք մեր սրտում օձ ենք տաքացրել, նոյն յիմարութիւնը մենք չպէտք է կրկնենք Ասիական Թուրքիայում։ Բանականութիւնը թելադրում է ճանապարհից վերացնել այն բոլոր տարրերը, որոնք մի օր մեզ համար կը ներկայացնեն այն նոյն վտանգը, ինչը միջազգային միջամտութեան առիթ կը տայ եւ զէնք կը դառնայ այդ տէրութիւնների ձեռքին։ Հիմա՝ յամենայն դէպս այսօր, [...]
July 13th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Որպէս դրական փոփոխութիւն պէտք է դիտարկել… իշխանութեան համակարգում անձնակենտրոն համակարգից դէպի հաւասարակշռուած զսպումների եւ հակակշիռների մեխանիզմների բազմակողմ համակարգ անցումը, որի դրսեւորումներից էր վերացումը այնպիսի ինստիտուտների, ինչպիսին են նախագահի կողմից պառլամենտը արձակելու բացարձակ իրաւունքը, նախագահի կողմից Արդարադատութեան խորհուրդը ղեկավարելը, կառավարութեան նիստեր հրաւիրելը եւ վարելը, կառավարութեան բոլոր որոշումները ստորագրելը: Այս լիազօրութիւնները այլեւս չկան եւ ի հակակշիռ [...]
July 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Որպէս դրական փոփոխութիւն պէտք է դիտարկել… իշխանութեան համակարգում անձնակենտրոն համակարգից դէպի հաւասարակշռուած զսպումների եւ հակակշիռների մեխանիզմների բազմակողմ համակարգ անցումը, որի դրսեւորումներից էր վերացումը այնպիսի ինստիտուտների, ինչպիսին են նախագահի կողմից պառլամենտը արձակելու բացարձակ իրաւունքը, նախագահի կողմից Արդարադատութեան խորհուրդը ղեկավարելը, կառավարութեան նիստեր հրաւիրելը եւ վարելը, կառավարութեան բոլոր որոշումները ստորագրելը: Այս լիազօրութիւնները այլեւս չկան եւ ի հակակշիռ [...]
July 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մինչ մեր միութիւնը կը թեւակոխէ իր գոյութեան երկրորդ դարը, մենք
ՀՄԸՄը կը պատկերացնենք որպէս՝
… Ուժական եւ նորարար կազմակերպութիւն մը, պարզ կառոյցներով եւ ժողովրդավար որոշումներով, ուր կազմակերպութիւն, վարչութիւն եւ հաղորդակցութիւն, ամէն մակարդակի վրայ, կ՛ընթանան հեզասահ կերպով։
ՏԵՍԼԱԿԱՆ ՀՄԸՄԻ – 2020
Հայ ժողովուրդի մերօրեայ վերանորոգումն ու դարու կշռոյթով վերաշխուժացումը լիարժէք կ՛արդիւնաւորուին այն ատեն, երբ ազգային մեր պետականութեամբ եւ հանրային [...]
June 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագրին Ներշնչումով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փաստ է, որ տարիներէ ի վեր հայ քաղաքական միտքը իր օրակարգի հրատապ հարցերու շարքին կը պահէ նոր սերունդի ներգրաւումն ու աշխուժացումը։ Կը փնտռուին ուղիներ՝ նոր սերունդը դուրս բերելու համար իր
ինքնամփոփ եւ ինքնակեդրոն, անտարբեր կամ գործնապաշտ մտածելակերպէն, որպէսզի աւելի յանձնառու, կազմակերպուած եւ հետեւողական մասնակցութիւն բերէ հայ ժողովուրդի եւ վերանկախացեալ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու [...]
June 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագրին Ներշնչումով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ծանօթ հրապարակագիր Սիւզան Խարտալեան վերջերս քննական լուսարձակի տակ առած էր «Դրամը կը խօսի» երեւոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով, որ ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ մաքուր ձեռքերով կառավարման օրինակով գաղափարական–քաղաքական հիմնական արժէքներու նկատմամբ մտահոգիչ անտարբերութիւն մը սկսած է արմատաւորուիլ մերօրեայ երիտասարդութեան մօտ։
Նիւթական օգուտի կամ անձնական շահի ապահովման սիրոյն գաղափարական արժէքներու վրայէն գիծ քաշելու եւ մինչեւ իսկ [...]
June 15th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Արամ Մանուկեանը մեր ժամանակների հերոսը չի։
…Արամի անունը կրող փողոցի վրայ՝աւերակների վերածուած շէնքերից մէկի պատին, ուր կատուների ու շների հարեւանութեամբ իրենց վերջին օրերն են անցկացնում մի քանի անօթեւաններ, ցուցանակ է փակցուած՝ այդ տանը ապրել է Արամ Մանուկեանը։ Մեկնաբանութիւններն աւելորդ են։ Մնում է հարց տալ՝ ո՞ւմ է ծառայում այս պետութիւնը, ի՞նչ ազդակներ ենք հաղորդում երկու ճակատով [...]
June 1st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.– Ես համաձայն եմ, որ շատ մարդկանց համար Խորհրդային Միութեան փլուզումը դարձաւ ողբերգութիւն, քանի որ նրանք կորցրեցին կեանքի սովորական ռիթմը, թուացեալ բարեկեցութիւնը, ստիպուած էին կտրուկ փոխել իրենց կենսակերպը: Հսկայական ջանքեր պահանջուեցին քաղաքացիների անվտանգութեան ապահովման համար: ԽՍՀՄ փլուզման հետ, այն հակամարտութիւնները եւ խնդիրները, որոնք արդէն գոյութիւն ունէին, վերածուեցին ռազմական գործողութիւնների, պարզ ասած՝ պատերազմի: Միւս [...]
May 25th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի որեւէ յարաբերութիւն Թուրքիայի հետ չի կարող կասկածի տակ դնել հայ ժողովրդի ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման իրողութիւնը: Այն պէտք է ճանաչուի եւ դատապարտուի ողջ առաջադէմ մարդկութեան կողմից:
Հ.Հ. ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հաշտեցումը կարող է սկսուել այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ճանաչի Ցեղասպանութիւնը: Առանց ճանաչման՝ չի կարող լինել հաշտեցում: Սխալւում են նրանք, ովքեր փորձում են Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման [...]
May 18th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »