Home » ԼուսարձակYou are browsing entries filed in “Լուսարձակ”
Իր Մայիս 31-Յունիս 6 թիւին մէջ եւ «Նոր Քեմալ մը» խորագրեալ յօդուածով, «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ իշխանութեանց ընդդիմացող շրջանակներուն համար նոր յոյս մը կը նկատուի Քեմալ Աթաթիւրքի հիմնած հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան նոր ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու
June 2nd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող նաւերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումը նոր զինամթերք հայթայթած է ինքզինք միջազգային դերակատար մը դարձնելու նպատակով ջանք թափող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար:
June 1st, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ զինուորական ուժերուն կողմէ աւանդութեան վերածուած գարնանային յարձակումները դարձեալ սկսած են, հակառակ քրտական հարցով Թուրքիոյ կառավարութեան խոստացած նոր քաղաքականութեան:
May 27th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը իր Մայիս 22-28 թիւին մէջ անդրադարձած է սփիւռքներու փոխուող դերակատարութեանց, հասնելով այն եզրակացութեան, որ համացանցին ստեղծած կապուելու դիւրութիւնները նոր աշխուժութիւն մը բերած են ձուլուելու վտանգ դիմագրաւող շարք մը սփիւռքներու մէջ:
May 26th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ տարի Նիւ Ճըրզիի մէջ ձերբակալուեցաւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող րաբբի Լեւի Իցհաք Ռոզընպաումը, մարդկային օրկաններու առեւտուրով եւ ապօրինի միջոցներով գոյացուած գումարներ մաքրագործելու յանցաքով: Անոր հետ ձերբակալուեցան 44 ուրիշներ, ներառեալ՝ Նիւ Ճըրզիի նահանգային խորհրդարանի երկու անդամներ եւ քանի մը այլ րաբբիներ:
May 25th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Թուրքիոյ «արդի» հանրապետութեան հօր՝ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի, հիմնած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը աննախանձելի վիճակի մէջ կը գտնուի: Վերջին քանի մը տեղական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քուէներու 20էն 23 տոկոսը ապահոված կուսակցութիւնը, ներքին լուրջ հարցեր կը դիմագրաւէ նախորդ կուսակցապետ Տենիզ Պայքալի հրաժարումով սկսած ընտրական պայքարին պատճառով:
May 21st, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Չորեքշաբթի, Մայիս 19ը անկիւնադարձային օր մըն էր Թայլենտի հակակառավարական Կարմիր շապիկաւոր ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ աւելի քան երկո
May 19th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Իրանի հիւլէական տագնապը լուծելու նպատակով միջնորդական զուգահեռ ջանքերը, որոնցմէ մէկը կը գլխաւորէ Արեւմուտքը, իսկ միւսը՝ Պրազիլ-Թուրքիա նորաստեղծ «դաշինքը», արդէն իսկ երկու առաքելութեանց միջեւ տարակարծութեանց առջեւ դուռ բացած է, եւ իբրեւ հետեւանք, միջ-միջնորդական առաքելութեան մը կարիքը կրնայ զգացուիլ…
May 18th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Եւրոպայէն մերժուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջին քանի մը տարիներուն յատուկ ջանք կը թափէ երկրին միջազգային վարկը բարելաւելու համար՝
May 17th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Անգլիական «Կարտիըն» թերթի մէջ Սթեֆան Քինզըրի ստորագրութեամբ հրատարակուած մեկնաբանութեան մը մէջ, Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացող գլխաւոր կուսակցութեան՝
May 14th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Անգամ մը եւս բացայայտ դարձնելով Թուրքիոյ մէջ մամուլի եւ արտայայտուելու ազատութեան նեղ սահմանները՝ թրքական ատեան մը Հինգշաբթի
May 13th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Չորեքաշբթի օր յայտարարեց, թէ Հիւսիսային Քորէա-Սուրիա-Իրանը «չարիքի նոր առանցք» է, աւելցնելով, թէ Դեկտեմբերին Պանքոքի մէջ գրաւուած հիւսիսային քորէական զէնքերը պիտի հասնէին «Համաս»ի եւ «Հըզպալլա»ի
May 12th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
ԱՊՀ երկիրներու եւ ուժանիւթի հարցերով եւրոպացի փորձագէտ Ալեքսանտր Ռար ատրպեճանական «1news.az»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անուղղակիօրէն յայտնած է, թէ Պաքու գլխաւոր խոչընդոտն է Եւրոպայի ուժանիւթի պաշարները ապահովելու ջանքերուն դիմաց:
May 11th, 2010
| Posted in Լուսարձակ | Read More »
Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Մայիս 7ին հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը 290,000 նոր աշխատատեղ կրցած է ստեղծել, ինչ որ Մարտ 2006էն ի վեր արձանագրուած մեծագոյն ոստումն է այս մարզէն ներս:
May 7th, 2010
| Posted in Լուսարձակ | Read More »
«ThePeoplesVoice.org» համացանցային կայքին վրայ զետեղուած յօդուածով մը, լրագրող Տէյվիտ Պոյաճեան կը բացայայտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի անուան կեդրոնը որոշած է Յունիսի կիսուն Թուրքիոյ մէջ կայանալիք հանդիսութեան մը ընթացքին, կեդրոնին անունը կրող հանրային սպասարկութեան մրցանակը շնորհել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուին:
May 6th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, Չորեքշաբթի, Մայիս 5ին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած ընդհանուր գործադուլը առաջնորդած էր խռովութեանց եւ ոստիկանութեան ու ցուցարարներու միջեւ ընդհարումներու, որոնց հետեւանքով Աթէնքի դրամատուներէն մէկուն երեք պաշտօնեաները սպաննուեցան, երբ անոնց դրամատունը կրակի տրուեցաւ:
May 5th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Հինգշաբթի օր, Քալիֆորնիոյ առողջապահական ապահովագրութեան մարզի մեծագոյն ընկերութիւնը հանդիսացող «Էնթըմ Պլու Քրոս»ը յայտարարեց, թէ որոշած է չեղեալ համարել իր յաճախորդներուն ամսական վճարումները 39 տոկոսով բարձրացնելու որոշումը, որ զայրոյթի ալիք մը բարձրացուցած էր ու հետապնդումներու առջեւ դուռ բացած:
April 30th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Ստորեւ կու տանք մեկնաբանութեան կարօտ չեղող «Մարմարա»ի մէկ լուրը, որ ցոյց կու տայ Եւրոմիութեան դուռը զարնող Թուրքիոյ ժողովուրդին մտային մակարդակը:
April 29th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ Ուրբաթ օր Արիզոնայի նահանգապետ Ճեն Պրուըրի կողմէ ստորագրուած նոր օրէնք մը հակադարձութեան ալիք բարձրացուցած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Օրէնքը, որուն նպատակն է ապօրինի գաղթականներուն հոսկը նուազեցնել, արտօնութիւն կու տայ նահանգի ապահովական մարմիններուն կասեցնելու եւ հարցաքննելու ոեւէ անհատ, որ ապօրինի գաղթական կը նկատուի:
April 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուսարձակ, Լուրեր, Հայաշխարհ, Սիւնակներ | Read More »
Քաղաքական ղեկավարներ երբեմն իրենք զիրենք ծիծաղի առարկայ դարձնելու չափ այնպիսի արտառոց հաստատումներ կը կատարեն, որ հարց կու տաս, թէ ասոնք իրենց խօսքերը արտասանելէ առաջ լրջօրէն կը մտածե՞ն արդեօք, եւ կամ անոնց խորհրդականները նուազագոյն դիւանագիտական կրթութիւն ստացա՞ծ են:
April 26th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Սպանիոյ ամենայայտնի դատաւորներէն Պալթասար Կարզոն, որ համաշխարհային հռչակ շահած էր Չիլիի մենատէր Ակուսթօ Փինոշէի, Հարաւային Ամերիկայի այլ մենատէրներու, ինչպէս նաեւ Կուանթանամոյի բանտերուն մէջ տեղի ոնեցող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները հետապնելով, կը գտնուի ինքզինք երկրին գերագոյն ատեանին առջեւ պաշտպանելու պարտադրանքին տակ:
April 23rd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն վերի պատգամը անուղղակիօրէն յղեց Միջին Արեւելքի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլին, որ Հինգշաբթի, Ապրիլ 22ի երեկոյեան Իսրայէլ ժամանեց,
April 22nd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը իր Ապրիլ 17-23 թիւին մէջ ունի վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը՝ նուիրուած Թուրքիոյ վարչապետին ու նախագահին միջեւ երկրին յաջորդ նախագահը որոշելու հարցով ծագած վէճին կապակցութեամբ. յօդուածը կը սկսի հետեւեալ տողերով.
April 21st, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Ապրիլ 20ին իր մահկանացուն կնքեց Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական իրաւանց շարժման գլխաւոր դերակատարներէն մէկը հանդիսացող Տորըթի Հայթը, որ 98 տարեկան էր: Ան այդ շարժման վեռնախաւին մաս կազմող միակ կինը եղած է
April 20th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբթուան ընթացքին անդրադարձած էինք Կուանթանամոյի բանտին մէջ կասկածելի պայմաններու տակ մահացած երեք բանտարկեալներու հարցին, ինչպէս նաեւ 1970ական թուականներուն
April 19th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Ամերիկեան մամուլը գրեթէ անտեսեց անցնող շաբաթավերջին բացայայտուած այն տեղեկութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախքին նախարար Հենրի Քիսինճըր անուղղակիօրէն մեղսակից է 1976ի Սեպտեմբեր 21ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի մը:
April 14th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Յունիս 9, 2006ին, Կուանթանամոյի ամերիկեան տխրահռչակ բանտին մէջ գտնուած էին երեք բանտարկեալներուն դիակները: Մահացած եմենցին եւ երկու սէուտցիները ոչ մէկ յանցանքով ամբաստանուած էին, եւ անոնցմէ մէկը, միջադէպէն երկու շաբաթ ետք, Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեանց պիտի յանձնուէր:
April 13th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ առաջ քշուող «Մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» նշանաբանին վնաս չհասցնելու նպատակով, Անգարա վերջերս յատուկ ջանք կը թափէ, յատկապէս որովհետեւ Պաքու նեղացած է Երեւանի հետ Անգարայի շփումներէն:
April 12th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կազմակերպած եւ Ապրիլ 12-13ին կայանալիք հիւլէական ուժանիւթի եւ զէնքերու ապահովութեան երաշխաւորման հարցերու նուիրուած միջազգային գերաստիճանը, որուն պիտի մասնակցին 47 երկիրներու ներկայացուցիչներ, դարձած է շարք մը այլ միջազգային հարցերու քննարկման առիթ:
April 9th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Խորագիրը կ՛առնչուի հեռաւոր Կեդրոնական Ասիոյ մէջ նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններէն մէկը հանդիսացող Ղրղզստանի կացութեան:
April 8th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Թուրքիա վերջերս աղմուկ կը բարձրացնէ ժողովրդավարութեան կամ իրաւունքներ յարգելու մասին ուրիշներուն ուղղած իր խրատներով, փորձելով այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ ամէն ինչ կատարեալ է իր երկրին մէջ: Շիւղի եւ քերանի դարաւոր պատմութիւնն է, որ կը կրկնուի սակայն, եւ որքա՛ն ալ փորձ կատարուի, իրականութիւնները դիւրութեամբ չեն ծածկուիր:
April 7th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Կ՛ըսեն, թէ ընկերային բոլոր շրջանակներուն մէջ ալ մէկ կամ երկու «որդնոտած խնձոր»ներ կ՛ըլլան:
April 6th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Մարտ 7ին տեղի ունեցած Իրաքի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիս մը ետք, երկրին յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքները կը շարունակեն կաղալ եւ տիրող անորոշութիւնը սկսած է բռնարարքներու լուրջ մագլցումի մը շուրջ մտավախութիւններ յառաջացնելու:
April 5th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու նպատակով մէջտեղ եկած «լախտի գործողութիւն» կոչուած զինուորական հարուածի հարցով դատավարութիւնը Հինգշաբթի, Ապրիլ 1ին զգայացունց նորութիւն մը ապրեցաւ, երբ մեծ թիւով ամբաստանեալ զինուորականներ, որոնք կասկածելի կը նկատուէին, դատաւոր Օքթայ Քուպանի որոշումով ազատ արձակուեցան: Անոնց մէկ մասը ոչ ձերբակալեալ վիճակով պիտի շարունակէ դատուիլ։
April 2nd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Թրքական «Սթար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով փոխնախագահ Սուատ Քընըքլըօղլու յայտնած է, որ պայմաններու բերումով, Թուրքիա գրեթէ դարձած է Արցախի հարցը միջնորդող Մինսկի խումբի համանախագահ:
March 30th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Երկուշաբթի, Մարտ 29ին Թուրքիա ժամանած Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել, նախքան Անգարա ոտք կոխելը, իրարանցում մը ստեղծած էր Թուրքիոյ մէջ, երբ այցելութեան նախօրեակին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ժխտական պատասխան տուած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն առաջարկին, թէ Գերմանիոյ մէջ պէտք է թրքերէն լեզու դասաւանդող թրքական դպրոց բացուի, Թուրքիոյ մէջ գերմանական վարժարաններու օրինակով: Մերքել Անգարայի մէջ մեղմացուց իր դիրքը՝ յայտնելով, թէ կարելի է թրքերէն սորվեցնող դպրոցներ բանալ, պայմանաւ, որ անոնք Գերմանիոյ կրթական օրէնքները յարգեն ու միաժամանակ նաեւ գերմաներէն սորվեցնեն գաղթական թուրքերուն:
March 29th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Ուրբաթ, Մարտ 26ին, մինչ Իսրայէլի կառավարութիւնը արտակարգ ժողովի մը ընթացքին կը քննէր, թէ ի՞նչ քայլերու կարելի է դիմել Պաղեստինեան իշխանութեան հետ բանակցութիւնները վերակենդանացնելու համար, իսրայէլեան մամուլը շեշտը դրած էր գրեթէ մէկ շաբթուան այցելութենէ ետք Իսրայէլ վերադարձած վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի նկատմամբ Սպիտակ տան ցուցաբերած անսովոր վերաբերմունքին վրայ: Իսրայէլեան մամուլը վարկաբեկիչ համարած է վարչապետին նկատմամբ Սպիտակ տան վերաբերմունքը՝ մատնանշելով, որ նոյնիսկ լուսանկարիչներու մուտքը արգիլուած էր նախագահ Պարաք Օպամայի ու վարչապետին միջեւ համդիպման ընթացքին, աւելցնելով, թէ Օպամա կէս ձգած է հանդիպումը, երբ վարչապետը մերժած է գրաւոր երաշխիք մը տալ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու կառուցումը կասեցնելու կապակցութեամբ:
March 25th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Մարդ էակը հետաքրքրական արարած մըն է. ան կարողութիւնը ունի հրաշալի գիւտեր ընելու՝ անիւէն սկսած, հասնելով մինչեւ համացանցը, եւ ստեղծագործելով կրնայ յօրինել վերացնող երաժշտութիւն ու ընթերցողը նստած տեղէն աշխարհի չորս կողմը հասցնող վէպեր: Սակայն, կենդանական նոյն այս ընտանիքին պատկանող արարածներ, յատկապէս երբ կ՛որոշեն իրենց մտածելու կարողութիւնը ուրիշի մը յանձնել (վարձու կամ ծախու), իրենք զիրենք կը մատնեն ծիծաղելի վիճակներու
March 25th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը ապահովելու նպատակով, թրքական իրերայաջորդ կառավարութեանց կողմէ կառուցուած մամրոտ պատին վրայ գոյացող ճեղքերէն յոյսի նշոյլներ կը տեսնուին նորէն, սակայն միշտ առկայ է այդ ճեղքերուն բռնի կուպրապատման վտանգը:
March 25th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը ապահովելու նպատակով, թրքական իրերայաջորդ կառավարութեանց կողմէ կառուցուած մամրոտ պատին վրայ գոյացող ճեղքերէն յոյսի նշոյլներ կը տեսնուին նորէն, սակայն միշտ առկայ է այդ ճեղքերուն բռնի կուպրապատման վտանգը:
March 24th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Կիրակի, Մարտ 21ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամները 212ի դէմ 219 քուէներով վաւերացուին աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր Սպիտակ տունն ու Քոնկրեսը կլանած առողջապահական համակարգը բարեկարգելու բանաձեւին Ծերակոյտին տարբերակը:
March 22nd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
առաջիկայ քանի մը օրերը ճակատագրական կը նկատուին ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան մարզը բարեկարգել միտող բանաձեւին, այլ այդ բանաձեւը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իրագործուելիք ծրագիրներուն մէջ առաջնակարգ դիրքի մը վրայ դրած նախագահ Պարաք Օպամայի վարկին համար:
March 19th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Հայ Դատի պայքարին մէջ յաճախ կրցած ենք օտարներուն աջակցութիւնը ապահովել, բայց հազուագիւտ են թուրքերէ եկած օժանդակութիւնները: Սակայն, իր անցեալը եւրոպական նորագոյն տարազներուն տակ ծածկել փորձող Թուրքիոյ վերնախաւը, երբեմն, իր սայթաքումներուն ընթացքին շատ արժէքաւոր ներդրում կ՛ունենայ Թուրքիոյ եւ թուրքերուն իսկական դիմագիծն ու պատմութիւնը ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու հայութեան մղած պայքարին մէջ:
March 18th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ, երբ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլ այցելեց, մեծ յոյսեր կային, որ Իսրայէլ-պաղեստինեան բանակցութիւնները կարելի պիտի ըլլայ իրենց ճիշդ հունին մէջ դնել:
March 16th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Վերջին քանի մը օրերուն, թրքական մամուլին մէջ բազմաթիւ յօդուածներու մէջ ուշադրութիւնը հետաքրքրականօրէն կեդրոնացած է Հայկական Ցեղասպանութիւն ճանչցած երկիրներէն Թուրքիոյ դեսպանները տուն կանչելու Անգարայի սովորուրութեան վրայ՝ զայն նկատելով արտաքին քաղաքականութեան մէջ ոչ ազդեցիկ եւ ծիծաղելի քայլ մը:
March 15th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Այս օրերուն, երբ իր անցեալի մութ էջերը յամառօրէն ուրանալու քաղաքականութիւնը Թուրքիան անգամ մը եւս դրած է պաշտպանեալի աննախանձելի դիրքին վրայ, որուն հետեւանքով Թուրքիա վերադաձող դեսպաններուն թիւը սկսած է մտահոգիչ մակարդակի հասնելու, կը թուի, թէ Անգարա որոշած է կարգ մը քայլերու դիմել, առնուազն ներքին ճակատի վրայ կացութիւնը իր հակակաշռին տակ պահելու նպատկով:
March 12th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ճգնաժամը եւ զայն «լուծելու» նպատակով առնուած շարք մը քայլերը ցոյց տուին, միշտ չէ, որ նման տագնապներուն իսկական պատասխանատուները կը պատժուին: Աւելի յաճախ, օրէնքները յարգած եւ իր սահմաններուն լաւապէս ծանօթ պարզ քաղաքացին է, որ կը պարտադրուի հատուցումներ կատարելու՝ շռայլութեանց դիմած իր դրացիին, հսկայ ընկերութեանց մը տնօրէնութեան կամ պետական պաշտօնատարին սխալ քայլերը սրբագրելու համար:
March 11th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Չորեքշաբթի, Մարտ 10ին, Հայֆայի մէջ իսրայէլեան ատեան մը սկսաւ քննելու դատը ամերիկացի Ռէյչըլ Քորիի սպանութեան: Քորի 7 տարի առաջ ճզմուած էր իսրայէլեան բանակի մէկ մեքենային տակ, երբ կը փորձէր, իբրեւ մարդկային վահան՝ կասեցնել գրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ գտնուող պաղեստինցի ընտանիքի մը բնակարանին քանդումը:
March 10th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը առաջ մղելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ջանքերուն ցարդ ամենայատկանշական քայլը Կիրակի օր բացայայտուեցաւ, երբ հաղորդուեցաւ, թէ Իսրայէլ եւ Պաղեստինեան իշխանութիւնը վերջապէս համաձայնած են վերադառնալու անուղղակի բանակցութիւններուն, որոնք 14 ամիսներէ ի վեր ընդհատուած էին:
March 8th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Թրքական «Ենի Շաֆաք»ի մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, դոկտ. Սետատ Լաչիներ անդրադարձած է Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութեանց, պնդելով, թէ Ուաշինկթըն ի զուր ջանք կը թափէ Հայաստանը սիրաշահելու համար, որովհետեւ Հայաստանի «թափու»ն Ռուսիոյ քովն է, այսինքն՝ Հայաստանը Ռուսիոյ ամբողջական տիրապետութեան տակ կը գտնուի: Լաչիների համաձայն, մինչ Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը կը տեսնուին իբրեւ Արեւմուտքի դաշնակիցներ։ Անոր համաձայն, Ամերիկա խելացի քաղաքականութիւն չի վարեր Կովկասի մէջ Հայաստանին նեցուկ կանգնելով, այլ պէտք է գործակցութիւնը սերտացնէ Վրաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան ճակատին հետ, հասնելով մինչեւ Կասպից ծովի շրջան ու Միջին Ասիա։
March 4th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Վաղը Քոնկերեսին մէջ քննուելիք Ցեղասպանութեան բանաձեւը հրէական կազմակերպութեանց համար հոյակապ առիթի մը վերածուած է՝ հաշուի նստելու վերջերս Իսրայէլը նեղ կացութեան մատնած Թուրքիոյ իշխանութեանց հետ:
March 3rd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Մինչ Թուրքիոյ մէջ պետական հարուածի նորագոյն ծրագրին հարցով ստեղծուած տագնապին յետցնցումները կը շարունակեն անհանգիստ պահել երկիրը, շարք մը այլ հարցեր կրնան նոր բախումներ պատճառել:
March 2nd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Մորթըն Ապրամովիչ, Աթլանթայի թրքական մէկ կեդրոնին մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութեան նուիրուած բանախօսութեան մը ընթացքին այն կարծիքը յայտնեց, թէ այս տարի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը Քոնկրեսին կողմէ պիտի վաւերացուի, եթէ նախագահ Պարաք Օպամա վերջին վայրկեանին ճնշում չբանեցնէ:
March 1st, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Աֆղանիստանի մէջ, ընդդիմադիրներ ու ահաբեկիչներ հետապնդելու նպատակով, ՆԱԹՕի դաշնակից ուժերը տարեսկիզբին կանաչ լոյս ստացան սաստկացնելու «Թալեպան»ներուն դէմ ռազմական գործողութիւնները։
March 1st, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ տարուան ընթացքին Աֆղանիստան յաւելեալ ուժ ղրկելու նախագահ Օպամայի խնդրահարոյց որոշումին ազդեցութիւնը երկու շաբաթ առաջ սկսաւ զգացուիլ հարաւային Աֆղանիստանի մէջ, ուր ամերիկեան եւ աֆղան ուժերը միացեալ գործողութեան մը սկսան, իրենց հակակշռին տակ առնելու համար թալեպաններու Մարժա քաղաքը:
February 26th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ երկրին աշխարհիկ սկզբունքներուն պահապան նկատուող զինուորական ուժերուն միջեւ պայքարի երկար պատմութեան մէկ կարեւոր էջը գրուեցաւ
February 22nd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքներ ոտնակոխող իրենց իւրաքանչիւր քայլը՝ իրենց կողմէ իրենց տրուած յարատեւ զոհի վահանով պաշտպանող եւ արդարացնել փորձող իսրայէլեան իշխանութիւնները, վերջին քանի մը օրերուն դարձած են իրենց հաւատարիմ պաշտպաններուն իսկ քննադատութեանց առարկան:
February 19th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Հինգշաբթի, Փետրուար 18ին, Չինաստանի Թիպեթ շրջանի ժողովուրդին իրաւունքներու հարցը անգամ մը եւս միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուէր, որովհետեւ Թիպէթի արտաքսուած կրօնապետ Տալայ Լաման, 1991էն ի վեր աւանդութեան վերածուած սովորութեամբ մը կը հիւրընկալուէր Սպիտակ տան մէջ:
February 19th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Տխրահռչակ Հայ-թրքական հաշտութեան յանձնախումբի ամերիկացի համանախագահ Տէյվիտ Ֆիլիփս, «Պոսթըն Կլոպ» օրաթերթի Փետրուար 11ի թիւին մէջ կը գրէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կը փափաքի հայ-թրքական արձանագրութիւնները յանձնել երկրի խորհրդարանին
February 12th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Ինչպէս հաղորդած էինք Հինգշաբթի օրուան թիւով, Եւրոխորհրդարանի նորընտիր անդամներուն կողմէ Թուրքիոյ մասին պատրաստուած հերթական զեկոյցին մէջ, Թուրքիոյ հասցէին շարք մը սովորական դարձած քննադատութեան կողքին, կար նաեւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները առանց նախապայմանի վաւերացնելու կոչ մը:
February 11th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման, որ եռօրեայ այցելութեամբ Ատրպէյճան կը գտնուի, իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլ կ՛աջակցի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան եւ պատրաստ է ղարաբաղեան տագնապի կարգաւորման գործընթացին մասնակից դառնալու։ Լիպըրման հանդիպում ունեցած է նաեւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննելով երկկողմանի եւ միջազգային շարք մը հարցեր:
February 10th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին հիմնական պատճառներէն նկատուեցան այն հսկայական պարտքերը, զորս քաղաքացիներ եւ ընկերութիւններ ստանձնած էին՝ զանոնք վճարելու գերլաւատեսութեամբ: Այդ վիճակէն դուրս գալու համար, կառավարութեանց ծախսած հսկայական գումարները հիմա կը նկատուին ապագայ ճգնաժամերու սերմերը: Կարգ մը տնտեսագէտներու համաձայն, համաշխարհային տնտեսութեան վերականգնումը կախեալ է աշխատաւորներու տնտեսական վիճակի կայունութենէն եւ բարելաւումէն
February 9th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Քանի մը տարի առաջ, ամերիկեան օրհնութեամբ եւ աշխարհը աւելի ժողովրդավար դարձնելու պատրուակով տեղի ունեցած Ուքրանիոյ՝ Նարնջագոյն, Վրաստանի՝ Վարդագոյն եւ Լիբանանի Մայրիներու յեղափոխութիւնները, Իրաքի ու Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան արկածախնդրութեանց օրինակով, իրենց ակնկալած արդիւնքը չեն տուած:
February 9th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Այսօրուան սիւնակին խայծը եկաւ «Մարմարա»էն, որ Հինգշաբթի օրուան թիւին մէջ կարճ լուր մը ունէր ամերիկեան ձայնասփիւռի յառաջդիմական «Երիտթուրքեր» յայ-տագրի խօսնակներէն եւ արտադրիչներէն Անահիտ Միսաք (Էնա) Գասպարեանի մասին, որ կայանին մէջ կը կատարէ թէ՛ խօսնակի պարտականութիւն, եւ թէ՛ կը պատրաստէ օրուան յայտագիրները։
February 5th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութեան պայքարին մէջ, պատմական ոճիրները հաստատելու, բռնագրաւեալ հողերու վերադարձը ապահովելու եւ վնասուց հատուցում ստանալու կէտերուն կողքին, միշտ կը շեշտուի ապագային նման ահաւոր ոճիրներ կանխարգիլելու կարեւորութիւնը:
February 4th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Իր միակողմանի մեկնաբանութիւններով ու եզրակացութիւններով, ինչպէս նաեւ ոչ դիւանագիտական պոռթկումներով ծանօթ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, «գոհար» մը եւս արտահանեց իր բերանէն, այս անգամ պնդելով, թէ Կիպրոսի տագնապին ձգձգման պատճառը ոչ թէ 1974էն ի վեր կղզիին հիւսիսային հատուածը բռնագրաւած պահող թրքական ուժերն են, այլ՝ Եւրոմիութիւնն է…
February 1st, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Սիւնակներ | Read More »
Բրիտանիոյ խորհրդարանը սկսած է հետապնդելու առանց ՄԱԿի հաւանութեան Իրաք ներխուժելու Լոնտոնի իշխանութեանց որոշումին օրինականութիւնը՝ ապագային նման քայլերու կրկնութեան առաջքը առնելու յոյսով:
January 27th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, որոնք անցեալ տարուան Կազայի դէմ իսրայէլեան գործողութեան հասցէին Անգարայի շարունակական քննադատութեանց հետեւանքով վատթարացած էին, սկսած է նմանիլ սիրահարներու վէճի մը: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին շարք մը միջադէպեր պատճառ դարձած էին լարուածութեան սրումին, սակայն անոնցմէ ետք կողմերը կրցած էին կացութիւնը արագօրէն դարմանել:
January 26th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Քանի մը ամիս առաջ փոքրամասնութիւնները մեկուսացնել փորձող «վանդակի գործողութիւն»ն էր Թուրքիոյ «մութ ուժերուն»
January 25th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »
Երեկուան սիւնակով ակնարկած էի շարք մը բարեկարգումներ իրականացնելու գործընթացին մէջ հսկայ ընկերութեանց ունեցած բացասական ազդեցութեան:
January 22nd, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Լուրեր, Կիզակէտ, Միջազգային, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »