Home » Օրը ՕրինYou are browsing entries filed in “Օրը Օրին”
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կան ամբողջ բանակ մը մարդիկ, որոնք նպաստած են այս թերթի վերելքին, որոնց երախտապարտ է այս հաստատութիւնը:
Առաջին հերթին՝ «Ասպարէզ»ի անձնակազմի անդամները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութենէն շատ աւելին կ՛ընէ, առանց սակարկելու, առանց գանգատելու՝ սիրով: Առանձին գնահատանքով պէտք է առանձնացնել Արմինէն՝ Զարիֆեանը, որ աշխատանքի ամէնէն ծանր բեռը շալկելով՝ նորանոր ծրագիրներ մշակելու յանդգնութիւն կը ներշնչէ բոլորիս:
Աշխատակիցներու ստուարացող համրանքը [...]
December 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» եւս կաղանդի նուէրներ ստանալու անձկութեամբ կը սպասէ Նոր Տարիին: Նուէրներու մէկ կարեւոր մասը հասած է խմբագրութիւն՝ Նոր Տարուան «Ասպարէզ»ի յատուկ թիւի հովանաւորներու միջոցաւ: Այդ նուէրներուն շնորհիւ, թերթը յաջորդ տարուան մէկ կարեւոր մասին իր անմիջական կարիքները կ՛ապահովէ: Շնորհակալութիւն մեր բոլոր հովանաւորներուն, որոնք իրաւամբ մեր թերթի կաղանդ պապիկներն են: Եթէ ուզէք միանալ այդ խումբին, դեռեւս [...]
December 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Իրաւունք ունին Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Մենք ենք մեղաւորը: Մենք ենք, որ պէտք է ներողութիւն խնդրենք: Մենք ենք, որ պէտք է զիջինք, մեղանչենք հաւաքաբար: Հրապարակաւ խոստովանինք ու՝ «Ե՛ս քեզ մեղայ» աղերսենք:
Նոյնիսկ որ պատերազմինք, արեան գնով փրկենք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ոչինչ կը փոխուի, 20 տարի անց դարձեալ մենք պէտք է համակերպինք:
Նոյնիսկ որ ֆրանսական խոր-հրդարանը հակաթուրք բանաձեւ որդեգրէ, [...]
December 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նոր Տարին ցանկութիւններ արտայայտելու լաւագոյն ժամանակն է, հաւանաբար: Կաղանդչէքի անունին տակ կրնանք թուել մեր սրտին փափաքածները՝ ի՛նչ պիտի ուզէինք ստանալ Կաղանդ Պապայէն, միշտ յուսալով, որ մէկն ու մէկը պիտի հագնի այդ առասպելական արարածին հանդերձանքը եւ ընդառաջէ մեր ցանկութեանց:
Սկսելու համար կաղանդչէքներու շարքը, կը ներկայացնենք Հայաստան ներգաղթած հասարակական գործիչ Մարիա Թիթիզեանի փափաքներուն ցուցակը, զոր ան ներկայացուցած [...]
December 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Յաղթանակներով կամ մեծ ու փոքր յաջողութիւններով կարելի է խանդավառուիլ, կարելի է պահ մը գինովնալ, յոխորտալ: Այսպիսի պահ ապրեցանք վերջերս, երբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց կալուածները վերադարձնելու բանաձեւը վաւերացուց:
Այսօր ալ, հաւանաբար, այդպիսի պահ մը շնորհուի մեզի Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ՝ վաւերացնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները քրէական պատիժի ենթարկելու բանաձեւը:
Ոգեւորութիւնը, յաղթանակի պատճառած ցնծութիւնը, ուժի նոր աղբիւրի [...]
December 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ հակադարձութիւնը հայկական Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող բանաձեւի՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ սպասուող հաստատումին, կարելի է բնորոշել հիւանդագին: Թէ որքանո՛վ այս ջղագրգիռ հակադարձութիւնը կարելի է վերագրել Թուրքիոյ վարչապետի հիւանդութեան՝ կը ճշդուի հետագային՝ պատմաբաններու կողմէ:
Էրտողանի հիւանդութեան մասին լուրերը պետական գաղտնիք դարձած են: Այսուհանդերձ, ամերիկեան եւ միջազգային որոշ շրջանակներ արդէն իսկ յետ-Էրտողանեան քաղաքական զարգացումներու մասին քննարկումներ կը կատարեն:
Թուրքիոյ վարչապետի [...]
December 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նարեկ Յարութիւնեանը կալանքէն ազատ արձակուած է ու իր դատի պաշտպանութեան լծուած: Մենք անշուշտ պատրաստ ենք լայնօրէն լուսաբանելու իր եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ ձեռնարկատէրերու՝ հայաստանեան գործունէութեան հետ կապուած խնդիրները, անոնց դառն փորձառութիւնները:
Հայաստան-Սփիւռք տնտեսական գործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին համազգային համախոհութիւն կայ: Այսուհանդերձ, այդ գործակցութիւնը քաջալերելու, ներդնողներուն վստահութիւնը ամրապնդող քայլեր առնելու ուղղութեամբ, ոչ մէկ լուրջ ծրագիր տեսած ենք:
Երեւանի մէջ, [...]
December 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այսօր մեր սովորական թերթին հետ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք շրջանիս հայ ոսկերիչներուն նուիրուած յատուկ թիւ մը:
Անցեալին, «Ասպարէզ» յատուկ թիւեր պատրաստած ու ընթերցողներուն ներկայացուցած է տարբեր խորագիրներով՝ մասնագիտական թէ համայնքային կառոյցներու մասին:
Ամէն անգամ, երբ ձեռնարկենք այսօրինակ յատուկ թիւերու պատրաստութեան, ցաւագին գիտակցութիւնը կ՛ունենանք մեր աշխատանքի սահմանափակութեան:
Արդարեւ, այս հսկայ գաղութը այնքա՛ն հարուստ է հետաքրքրական, արժէքաւոր, կարեւոր կեդրոններով, [...]
December 15th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ֆրանսայի խորհրդարանը, նախքան տարեվերջ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու բանաձեւը քուէարկութեան պիտի դնէ, եւ ըստ քաղաքական դիտորդներուն, այդ բանաձեւը յաջողելու մեծ հաւանականութիւն ունի:
Իսրայէլի Քնեսեթը ծրագրած է իր օրակարգին վրայ բերել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրինագիծը: Ասոր յաջողութեան հաւանականութիւնը կախեալ է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու լարուածութեան աստիճանէն:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը արդէն իսկ հաստատեց Թուրքիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց հոգեւոր [...]
December 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԼՐԱԳԻՐ»
Համերգային ծրագրով Մոսկուայում էր աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուրը: «Ներկայում իմ երկրում ներքին ցեղասպանութիւն է տեղի ունենում: Դա քաղաքականապէս անընդունելի եմ համարում: Հայաստանի իշխանութիւնները, հնարաւորութիւն չտալով երկրին շնչել՝ երկիրը զրկում են երիտասարդութիւնից, որը հեռանում է: Այդ իմաստով, խնդիրն արդէն քաղաքական չէ, այլ համամարդկային: Այն պէտք է անյապաղ լուծուի», երգչի խօսքերը մէջբերում է Life Showbiz-ը:
Երբ վերջերս [...]
December 13th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նարեկ Յարութիւնեանը (անոր մասին կարդալ էջ 9ի վրայ) կալանաւորելու եւ մինչ դատավարութիւն՝ երկու ամիսով զայն արգելափակուած պահելու որոշումը վրդովումով ընդունեցինք:
Վրդովեցանք, որովհետեւ խաբուած, անիրաւուած ներդրողներու պատմութիւններու շարանին այս վերջին դրուագը, սփիւռքահայ գործարար շրջանակներու արդէն իսկ անհանգիստ ու վերապահ տրամադրութիւնները քիչ մը աւելի պիտի խորացնէ:
Նարեկին ճանչցողները, որոնց թիւը բաւական մեծ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի [...]
December 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լրատու ցանցերէն մէկը կը հաղորդէր, թէ Ատրպէյճանի հաղորդակցութեան նախարար Զիա Մամետովի որդին՝ Անարը, Ուաշինկթընի մէջ հիմնած է «Ատրպէյճան-Ամերիկա Ալլայընս» անունով կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակն է հակակշիռ ստեղծել մայրաքաղաքին մէջ հայկական ազդեցիկ ներկայութեան:
Մեր աղբիւրները կը յայտնեն, թէ «Ալլայընս»ը 2.4 միլիոն տոլարի պայմանագիր մը կնքած է Fabiani & Co.-ի հետ, որուն վստահած է լոպիիստական իր աշխատանքներուն [...]
December 9th, 2011
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ընդվզում արտայայտող ճոխ բառամթերքի կարիք ունինք՝ բանաձեւելու համար այն զգացումը, զոր ունեցանք, ի տես Հայաստանի Ազգային ժողովի քուէարկութեան ամօթալի դրուագի մը:
Քուէարկութեան դրուած էր իշխանութեան համար կարեւորագոյն փաստաթուղթը՝ կառավարութեան պատրաստած 2012ի պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի դառնայ գալիք տարուան գործունէութեան շարժիչ մեքենան:
Նախ անհասկնալի էր, թէ այդ կարեւոր քուէարկութեան համար կառավարութիւնը ինչպէ՞ս չէր կրցած ապահովել պատգամաւորներու մեծ [...]
December 8th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երիտասարդ պատմաբան մը, Քալիֆորնիոյ համալսարաններու Տէյվիսի մասնաճիւղի մէջ դասաւանդող Քէյթ Տէյվիտ Ուաթընփաու, իր պարկեշտ գիտական մօտեցումին պատճառով թիրախ դարձած է թուրք ամերիկացիներու ընկերակցութեան յարձակումներուն:
«Եու.Սի.Էլ.Էյ.»էն իր տոքթորական վկայականը ստացած պատմաբանը, որ ժամանակակից իսլամ եւ մարդկային իրաւունքներ կը դասաւանդէ Տէյվիսի համալսարանին մէջ, յանդգնած էր իր մէկ յօդուածին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչել:
Արդարեւ, մարդասիրական միջազգային օժանդակութեանց [...]
December 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԵՐԿԻՐ»
Ռուսաստանի Պետդումայի ընտրութիւններում իշխանական կուսակցութիւնը, չնայած սպասելիքներին, չկարողացաւ ստանալ ընտրողների ձայների մեծամասնութիւնը՝ չնայած ներդրել էր ողջ պետական-վարչական հսկայական ռեսուրսը (հնարաւորութիւնները-Խմբ.):
Տեղի ունեցածը, առաջին հերթին, ընտրողի կողմից սեփական քուէին տէր կանգնելու համոզմունքով ընտրութեան գնալու արտայայտութիւն էր: Ռուսաստանեան ընտրողը ցոյց տուեց, որ ինքը չի ուզում վերադարձ դէպի միակուսակցական, ամբողջատիրական համակարգ, եւ (վարչապետ Փութինի գլխաւորած կուսակցութիւնը-Խմբ.) «Եդինայա Ռոսիա»ին զրկուեց [...]
December 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Դեկտեմբեր 03-04 2011ին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու միջ-մարմնական խորհրդաժողովը:
Ժողովի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրօն ներկայացուց իր գործունէութեան հնգամսեայ ամփոփ տեղեկագիրը, որուն մէջ տեղ գտած էր յաջորդ քառամեակի կ՛ուսակցութեան գործունէութեան ծրագիրը՝ իր ընդհանուր գիծերուն մէջ:
Կազմակերպական հարցերու կողքին մանրամասն կերպով քննուեցան Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը, երկրի ընկերա-տնտեսական կացութինը, յաջորդ գարնան տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն հետ [...]
December 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հիւսթընի համաշխարհային հարցերու խորհուրդը (World affairs council) այս տարեշրջանի իր գործունէութեանց շարքին, իր անդամներուն համար կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Հայաստան:
Կազմակերպութեան կայքէջին (http://www.wachouston.org) վրայ դրուած են շրջապտոյտի մասնակիցներուն վկայութիւնները՝ Հայաստանի տեսարժան վայրերու քանի մը նկարներով: Յայտնի է, որ այս այցելութիւնը մեծապէս ոգեւորած է Խորհուրդի պատասխանատուները՝ զանոնք մղելով, որ յառաջիկայ տարի, Յունիսին, նոր շրջապտոյտ մը [...]
December 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երկու օր առաջ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ բաւական անյարմար պահ մը ստեղծուած էր, երբ նիստը ղեկավարող, Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ակնառու անդամներէն Սամուէլ Նիկոյեան, անվայել կերպով յանդիմանեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ պատգամաւորը, որուն հետեւեցաւ երկու պատգամաւորներուն միջեւ անպատշաճ լեզուով վիճաբանութիւն մը (լուրը տեսնել այսօրուան «Ասպարէզ»ի էջ 10ի վրայ):
Ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներու խորհրդարաններն իսկ զերծ [...]
December 1st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպեճանական դիւանագիտութիւնը յայտնապէս խանդավառուած է ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու խոստացած՝ հակամարտութեան կարգաւորման այսպէս կոչուած՝ նոր մարտավարութեամբ:
Ֆրանսայի ներկայացուցիչի փոփոխութեան հետ նոր մարտավարութեան մասին փսփսուքները, Ատրպէյճանի պատասխանատուներուն ականջին աւելի շուտ հասած են, կարծես, քան՝ հայկական կողմին:
Յամենայնդէպս, թէ՛ Փաշազատէի Հայաստան այցելութիւնը, որ մինչեւ վերջին պահը հարցականի տակ էր, եւ թէ իրարու յաջորդող՝ Ղարաբաղցի հայ եւ ազերի բնակչութեան [...]
November 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի բարեկամներուն կ՛առաջարկեմ, կամ աւելի ճիշդը՝ կը խնդրեմ, որ իրենց ընկերական կամ ընտանեկան միջավայրին մէջ, յառաջիկայ օրերուն, գոնէ մէկ անգամ իրենց շրջապատին դիմեն՝ ըսելով.
«Ես այսպէս, այս կարգավիճակով, այս տարողութեամբ կը մասնակցիմ մեր համայնքի կեանքին, իրադարձութիւններուն, իսկ դո՞ւն»:
Անձնական օրինակը ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մէկն է՝ քեզի համար կարեւոր նկատուող ձեռնարկներուն զօրակցողներ հաւաքագրելու համար: Մեր ամէնօրեայ հեւքին [...]
November 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»
Արտագաղթի պատճառների մասին վերջերս շատ է խօսւում:
Երէկուայ (Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր) հանրահաւաքին հետեւելիս՝ ակամայից մտածեցի, որ արտագաղթի պատճառներից մէկն էլ թերեւս ընդդիմութիւնն է: Այո, այո: Իր կեանքի մակարդակից եւ իշխանութիւնից դժգոհ մարդը յոյս է կապում ընդդիմութեան հետ, կանգնում նրա կողքին, քուէարկում նրա օգտին, ապա, իրեն վտանգելով՝ գնում հանրահաւաքների ու բողոքի ակցիաների:
Ցրտին ու շոգին, ամրանն ու ձմրանը: [...]
November 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տերսիմի քիւրտ եւ ալաուի բնակչութիւնը թրքական կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ցեղասպանութեան ենթարկուած է, ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը աշխարհին առջեւ պատասխանատու է մարդկութեան դէմ գործած իր այդ արարքին համար:
Վարչապետ Էրտողան, խոստովանելով հանդերձ Թուրքիոյ պետութեան մեղքը «Տերսիմի ջարդերուն» մէջ՝ նախ փորձեց անոր տարողութիւնը նսեմացնել, ապա յանցագործութեան պատասխանատուութեան առիւծի բաժինը վերագրել այդ ժամանակաշրջանի կառավարութեան գլուխը կանգնած իշխող կուսակցութեան:
Որքա՛ն ալ [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վաղը Գոհաբանութեան օր է, ու տեղւոյն սովորութիւնը սիրով ընկալելով՝ մենք ալ հայրական օճախներու մէջ պիտի հաւաքենք մեր ընտանիքները ու միասնաբար գնահատենք անցած տարին՝ իր բերած բարիքներով, յոյսերով, ձախողութիւններով կամ յուսախաբութիւններով:
Վաղը, ընթրիքի սեղաններու շուրջ մենք զիրար պիտի շնորհաւորենք մեր յաջողութիւններուն համար, եւ զօրակցելու ու աջակցելու խոստումներ պիտի տանք մեր նուազ բախտաւոր ազգականներուն՝ յոյս ներշնչելով անոնց:
Վաղը, [...]
November 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի ելոյթը՝ «Հեռուստամարաթոն-2011»ի առիթով Կիրակի, 20 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցած ճաշկերոյթի ընթացքին.
Սիրելի հայրենակիցներ,
Թանկագին քոյրեր ու եղբայրներ,
Ուրախ եմ, որ կրկին առիթ ունեմ հանդիպել ձեզ հետ եւ հաղորդել արցախցիների ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները:
Նաեւ ուզում եմ խորին երախտագիտութիւն յայտնել արդէն աւանդական դարձած այս հանդիպման կազմակերպիչներին, ձեզ բոլորիդ, Սփիւռքի մեր հայրենակիցներին՝ [...]
November 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ցեղասպանութեան հարցը մասնագիտական, կամ պատմագիտական «քննարկման» նիւթ դարձնելու թրքական կառավարութեան մարտավարութիւնը, որ ըստ էութեան, տարբեր է բացարձակ մերժումի անցեալի վարքագիծէն, յատկապէս օտար քաղաքական շրջանակներու կողմէ կրնայ նկատուիլ նոյնիսկ իբրեւ զիջում: Այս խաբուսիկ զիջողականութիւնը առաւել եւս վտանգաւոր կը դարձնէ թրքական ուրացման նոր մարտավարութիւնը, պարզ այն պատճառով, որ երրորդ կողմերուն համար իբրեւ տրամաբանական ելք մը կրնայ [...]
November 18th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Աւելի ճիշդը՝ ոսկերչութեան ու հայ ոսկերիչներու գործունէութեան նուիրուած յատուկ թիւ մը կը պատրաստուի «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ:
Թիւը բազմահազար տպաքանակով Քալիֆորնիահայ հանրութեան պիտի մատուցուի տօներէն մէկ շաբաթ առաջ՝ Դեկտեմբեր 16ին:
Ոսկերչութիւնը իր ամէնէն լայն հասկացողութեամբ, խոր աւանդութիւններ ունի մեր մշակոյթին մէջ, թէ՛ իբրեւ արհեստ, թէ՛ իբրեւ արուեստ: Այս ասպարէզին մէջ իրենց վարպետութիւնը գերազանցօրէն դրսեւորած բազմաթիւ արհեստաւորներ եղած [...]
November 17th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Արդէն սկսած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Ան պիտի եզրափակուի Նոյեմբեր 24ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին կազմակերպուող թելեթոնով։
Այս տարուան հասոյթը, նախորդին նման, պիտի յատկացուի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գիւղերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զարգացման ծրագիրներուն։
«Հայաստան» Հիմնադրամի նման համահայկական կառոյցները, անկախ իրենց հետապնդած անմիջական ու մասնագիտական նպատակէն, ունին խորհրդանշական խորունկ նշանակութիւն։ Անոնց գոյութիւնն [...]
November 16th, 2011
| Posted in Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«Կալիֆորնիայի Հայ գրողների միութիւն»ը լոյս ընծայած է իր «օրգան»ը, որ կը կրէ «Բառուբան» խորագիրը:
Գրական եռամսեայ հանդէսի առաջին թիւը խմբագրատուն բերին միութեան նախագահ եւ թերթի խմբագիր, բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեանն ու վարչութեան անդամ, արձակագիր Պօղոս Գուբելեանը, երկուքն ալ՝ «Ասպարէզ»ի աշխատակիցներ:
Շնորհաւորելով «Բառուբան»ի ծնունդը՝ «Ասպարէզ» իր այսօրուան թիւով (սեղմել այստեղ) ընթերցողներուն կը ներկայացնէ «Բառուբան»ի խմբագրականը, ուր խախտուած է գրական [...]
November 15th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԵՐԿԻՐ»
ԱՍՊԱՐԷԶ.- «Երկիր» օրաթերթի առաջնորդող այս հակիրճ ակնարկը (Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր) լաւագոյնս կը բանաձեւէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայրենի քաղաքական իրադարձութեանց հետեւող հոծ զանգուածի մը տրամադրութիւնները՝ վերջին շրջանին իշխանութեան ձեռնարկած քարոզչական արշաւին նկատմամբ: Այսուհանդերձ, ցարդ բարեշրջման ոչ մէկ շօշափելի ապացոյց տեսանելի է մեզի: «Երկիր»ին կը ձայնակցինք նոր հիասթափութեանց կործանարար հետեւանքներու կապակցութեամբ:
Իշխանութիւնը միտումնաւոր բեկումնային, դրական փոփոխութիւնների նկատմամբ [...]
November 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եթէ հայութեան ճակատագիրով մտահոգուողներու փաղանգին մաս կը նկատես դուն քեզ, եթէ նախանձախնդիր ես հնարաւորութիւններդ ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով ծառայեցնելու Հայ Դատին, եթէ քեզ ընդհանրապէս կը հետաքրքրեն հայկական ու հայութեան հետ առնչուող քաղաքական իրադարձութիւնները, ապա չես կրնար բացակայիլ երկու շաբաթ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եռօրեայ յագեցած ու յագեցնող ծրագիրէն:
Յանձնախումբը, Հայ Դատը ժողովրդականացնելու, Հայ Դատի [...]
November 10th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»
Կը յաջողուի՞ արդեօք մեր պատմութեան մէջ ամենաթափանցիկ ու ամենամաքուր ընտրութիւնները կազմակերպել 2012ին՝ այնպէս, ինչպէս յայտարարում են մեր պետական այրերը: Կը յաջողուի՞ արդեօք թօթափել մէկ տասնամեակից աւելի արմատացած աւանդոյթները եւ քաղաքակիրթ ազգերի նման ընտրութիւններ անցկացնել:
Ասենք՝ մայիսեան մի արեւոտ օր ՀՀ քաղաքացին՝ տօնական հագնուած, բարձր տրամադրութեամբ դուրս գայ տնից, գնայ ընտրատեղամաս, վերցնի քուէաթերթիկն ու առանց վախի, առանց [...]
November 9th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Ասպարէզ»ի մեծ ընտանիքը Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքն է: Ասիկա, սոսկ իբրեւ լօզունգ ու քարոզչական կարգախօս չէ որ կ՛ըսենք: Մեր առաքելութիւնն է, մեր պարտականութիւնն է դառնալ համայնքի բոլոր զաւակներուն հետաքրքրութիւնը գոհացնող, համայնքի բոլոր զաւակներուն իրագործումներուն անդրադարձող, յաջողութիւններով հպարտացող, ձախողութիւններուն ցաւակցող ու դժուար պահերուն զօրակցութիւն յայտնող թերթը:
Գիտենք, թէ որքա՛ն ալ փորձենք, որքա՛ն ալ աշխատինք, անկարող պիտի [...]
November 8th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի այս տարուան հանգանակային մարաթոնին հազիւ երեք շաբաթ մնացած է: Միջազգային տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն տակ հանգանակային որեւէ ձեռնարկ, այս օրերուն դժուար պատուարներ պէտք է յաղթահարէ, որպէսզի կարենայ շօշափելի արդիւնքներ ձեռք ձգել:
«Հայաստան» հիմնադրամի հետապնդած ազգային վեհ նպատակները ամէն տեսակի պատուար յաղթահարելու միջոց կրնան դառնալ: Այսուհանդերձ, անցեալ քանի մը տարիներուն, որոնք դարձեալ տնտեսական ճգնաժամի [...]
November 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րոժէ Խատարեանին դիմած էի՝ խնդրելով առիթ տալ, որ ներկայանամ իրենց ժողովին՝ «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ քանի մը առաջարկներ փոխանցելու:
Անցեալ Հինգշաբթի երեկոյեան, ներկայացայ ժողովին: Քիչ մը կանուխ գացած ըլլալով՝ առիթ ունեցայ (տրուեցաւ ինծի) մասնակից ըլլալու կազմակերպական կարգ մը խնդիրներու քննարկման:
Շրջանային վարչութիւնը այդ օրը իր նիստին մասնակցելու հրաւիրած էր նաեւ նախկին [...]
November 4th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի ոստիկանապետը փոխուեցաւ: Նոր ոստիկանապետը ինչպէ՞ս կը տարբերի նախկինէն, ինչպէ՞ս կը տարբերի ընդհանրապէս բոլոր նախկիններէն: Ո՛չ մէկ ձեւով: Ընդհակառակը՝ նոր ոստինակապետի անձը կը խորհրդանշէ շարունակականութիւն, ու նախկին կառավարման յոռի բարքերու նոյնիսկ առաւել արմատաւորում:
Ազգային ժողովի նախագահը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրաժարի: Զինք պիտի փոխարինէ Հանրապետական կուսակցութեան մէկ այլ ականաւոր անդամ: Այս փոփոխութենէն ընդհանրապէս որեւէ բան կարելի [...]
November 3rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Չկայ: Ո՛չ սփիւռքեան շարժում, ո՛չ ալ սփիւռքի մէջ որեւէ շարժում: Այսպէս խաղաղ, հանգիստ, միապաղաղ կ՛ապրինք, օրէ օր քիչ մը աւելի վարժուելով հանգստութեան՝ մեր հաւաքական խնդիրներուն անխռով նայելու: Ոչ խանդավառութիւն, ոչ յուզում, ոչ տագնապ:
Կան խանդավառող, շարժող գաղափարներ, որոնք սահմանափակուած են փոքր շրջանակներու մէջ: Հայրենասիրական ու ազգային գաղափարներ ու ծրագիրներ՝ «Դէպի երկիր», «Դէպի Հայք», «Արի տուն», [...]
November 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս, «Ասպարէզ»ը Նոր Տարուան առիթով յատուկ թիւ մը կը պատրաստէ հրատարակութեան: Սոյն թիւի բովանդակութիւնը արդէն իսկ ճշդուած է: Այդ ուղղութեամբ երէկ խմբագրութիւնը հետեւեալ նամակը ուղարկեց խումբ մը աշխատակիցներու.
Երեք հիմնական նորութիւններու վրայ պիտի փորձենք այս տարի կեդրոնացնել Նոր Տարուան յատուկ թիւի բովանդակութիւնը.
Ա.- Հայ Դատի հետապնդման նոր հանգրուանի մը սեմի՞ն ենք, [...]
November 1st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լոռիի հեռաւոր շրջանին մէջ թաքնուած բնութեան գոհար մը փրկելու շարժումը յաղթանակ արձանագրեց երէկ: Թռչկանի ջրվէժի գոյութիւնը վտանգող ջրելեկտրակայանը կառուցող «Ռոպշին» ընկերութիւնը, երէկ յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ շինարարական իր աշխատանքները:
Եթէ ընկերութեան որոշումը վերջնական է ու պարզապէս հանրութեան ուշադրութեան դաշտէն ժամանակաւորապէս այս հարցը դուրս բերելու մարտավարութիւն մը չէ, ապա երէկուան այս իրադարձութիւնը պատմական նշանակութիւն կը ստանայ՝ [...]
October 31st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆՇԱՆ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Շրջանիս մէջ յայտնի անուն է Նշան Փիրումեանը՝ իբրեւ երկար տարիներու հասարակական գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ու յաճախ անոր ներկայացուցիչը: Ճանչնալով զինք՝ գիտենք թէ հոգեկան ինչպիսի՛ տուայտանքով ան գրած է այս տողերը: Կը հրատարակենք Փիրումեանի նամակը, յուսալով, որ հայրենի պատկան իշխանութիւններուն ուշադրութեան կ՛արժանանայ հարցը եւ անոր արդար լուծման ուղղութեամբ [...]
October 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կարդացէ՛ք. «Քիչ առաջ «Չենք լռելու»ի թէժ գծին մի հետաքրքիր հեռախօսազանգ է ստացուել ԵԱՀԿ հայաստանեան գրասենեակից, որտեղից յայտնել են, որ նախաձեռնութեան՝ բանակում առկայ արատաւոր երեւոյթների դէմ մղուող պայքարը, մեծ հետաքրքրութիւն է առաջացրել իրենց մօտ, եւ ամենաբարձր մակարդակով ցանկութիւն կայ հանդիպելու նախաձեռնութեան խորհրդի անդամների հետ:
«ԵԱՀԿի աշխատակիցը մերժում է ստացել, որի արդիւնքում, չգիտես ինչո՞ւ, խիստ զարմացել է: [...]
October 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահն է, «Ժամանակ» թերթին հետեւեալ մեկնաբանութիւնը տուած է Ատրպէյճանի ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի ոչ-մշտական անդամ ընտրութեան վերաբերեալ.
Սա մեր նախաձեռնողականութեան հերթական հետեւանքն է: Մեր կողմը մի այնպիսի մարտավարութիւն էր կիրառել, որի համաձայն, եթէ Հայաստանը չի առաջադրում իր թեկնածութիւնը, իբրեւ թէ աւելի դժուարացնում [...]
October 26th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճան երէկ ընտրուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ: Երկու տարուան համար ընտրուած Ատրպէյճանը, այդ միջոցին, մէկ ամիսով ալ պիտի վարէ Խորհուրդի նախագահի պաշտօնը:
Ընտրութեան առիթով ազերի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կատարած յայտարարութիւնները զգուշաւոր են: Գիտակցելով, որ միջազգային քաղաքական շրջանակները կրնան չգնահատել ՄԱԿի բարձր ամպիոնը Ղարաբաղի հարցին իրենց ցանկացած լուծումը տալու նպատակին ծառայեցնելու արտայայտութիւնները՝ ազերի պաշտօնատարները անօրինակ զսպուածութիւն [...]
October 25th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր աշխատակիցներէն արձակագիր Պօղոս Գուբելեան, որ իբրեւ մտաւորական միշտ արծարծած է մեր հասարակութիւնը մտահոգող հարցեր, անցեալ շաբթուան «Ասպարէզ»ի իր սիւնակով արձանագրած էր իր խոհերը՝ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մէկ ելոյթին իբրեւ արձագանգ:
Գուբելեանի սիւնակը արժանացած է նախարարի գնահատականին, որ նամակով փոխանցուած է գրողին: Գուբելեանի «խոհերուն» հիմնական նիւթը Հայաստանի տնտեսութիւնը սփիւռքահայերու միջոցաւ հզօրացնելու իր առաջարկն է: [...]
October 24th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Ցաւալի է՝ մեր հարեւան ժողովուրդները մեզ չեն ճանաչում, մենք էլ նրանց ու յաճախ ընկնում ենք թիւրիմացութիւնների մէջ:
Բայց կայ ցաւի աւելի մեծը, աւելի ամօթալի մի դրութիւն: Մենք մեզ էլ չենք ճանաչում:
Երկիր ունենք- չենք ճանաչում, պատմութիւն ունենք- չենք ճանաչում, ժողովուրդ ունենք- չենք ճանաչում, գրականութիւն ունենք- չենք ճանաչում, լեզու ունենք- չենք իմանում:
Մտածում ենք. ի՜նչ մեծ պակասութիւն է դատարկ [...]
October 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբը Նոյեմբերի վերջին շաբաթավերջին ճոխ ծրագիր մը պատրաստած է ազգային քաղաքականութեամբ հետաքրքրուողներուն համար:
Ծրագիրը կը սկսի Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբերին, ընկերային ձեռնարկով մը՝ «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» հիւրանոցին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքոյթով, որուն ընթացքին ծրագիրի մասնակիցները, որոնք պիտի ժամանեն մօտ ու հեռու շրջաններէ, առիթ պիտի ունենան իրարու ծանօթանալու:
Հինգշաբթի օր, Գոհաբանութեան օրն է, որ նաեւ [...]
October 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեքշաբթի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան հիւրն էր: Նախանձ (անշուշտ՝ բարի) շարժող շէնք, կեդրոնի շքեղ սրահ՝ խուռներամ ժողովուրդով, գողտրիկ մշակութային յայտագիր, ճոխ հիւրասիրութիւն:
Վեհափառը իր ընդհանրական պատգամը այս անգամ համեմեց իրանահայութեան (Իրանէն ներս թէ դուրս) ազգային դերակատարութեան դրուատանքով: Ունկնդիր հասարակութիւնը հաճոյքով ընդունեց վեհափառին գովասանքը, որ ինքնին պարտաւորեցնող էր եւ, վստահաբար, կեդրոնը, որ [...]
October 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ձեռնարկ մը յաջող կը նկատուի, եթէ կարելի եղած է մեծ թիւով ներկայութիւն ապահովել:
Մեծ թիւով ներկայութիւն ապահովելու համար, ձեռնարկը պէտք է լայնօրէն ծանուցուի տպագիր թէ ոչ տպագիր մամուլի միջոցաւ: Ծանուցումները բաւական ծախսալից են. յաճախ միութիւնները անճրկութեան կը մատնուին ու կը նախընտրեն յանձն առնել ձեռնարկի ձախողութեան պատասխանատուութիւնը, քան թէ լծուիլ միջոցները գտնելու դժուարին գործին:
Զուտ շահոյթ հետապնդելու [...]
October 18th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հռետորական արուեստին տիրապետելը, անշուշտ մէկ բան է, իւրաքանչիւր առիթի, իւրաքանչիւր միջավայրի համապատասխան խօսք գտնելը՝ ուրիշ բան: Յատկապէս՝ իմաստալից խօսք, ուր կը դրսեւորուի արծարծուող հարցին վերաբերեալ խոր ծանօթութիւն ու լայն ընթերցումներու ճանապարհով ամբարուած տեղեկութիւններու հարստութիւն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի հռետորական կարողութիւնները նորութիւն չեն ոեւէ մէկուն համար: Ան Սիսի գահակալներու գաւազանը վերցուցած առաջին իսկ օրէն [...]
October 17th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յառաջիկայ տարուան համար իր պիւտճէի նախագիծը արդէն պատրաստած է: ՊաշտպաAնութեան կամ աւելի ճիշդը՝ պատերազմական նպատակներու համար նախատեսուած է 1.7 միլիառ տոլար, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացուած պիւտճէին չորս անգամն է:
Այսօրինակ համեմատութեամբ գերազանցութիւն մը պէտք է լրջօրէն տագնապեցնէ մեր հայրենիքի ապահովութեամբ մտահոգ իւրաքանչիւր անձ:
Հայկական ուժերու հրամանատարներու եւ քաղաքական իշխանութեանց վերաբերմունքը՝ այս նիւթական գերակայութեան [...]
October 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը պատմական որակաւորուելու իրաւունքը շահած է մեր գաղութին համար:
Պատմական նշանակութիւն ունի վեհափառին բերած պատգամը՝ տնտեսական ծանրագոյն պայմաններու տակ իսկ ազգային վարժարաններուն թիկունք կանգնելու յանձնառութեան անտեղիտալիութեան վերաբերեալ:
Համազգային տարողութեամբ պատմական նշանակութիւն ունի վեհափառին պահանջատիրական շեշտադրումները՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին իսկական շարժումի մը մակարդակին բարձրացնելու հատուցման հարցին հետապնդումը: Վեհափառի վերջին շրջանի յայտարարութիւններն [...]
October 13th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր ընկերն է, մեր կողքին, մեզի հետ աշխատող, մեզի օժանդակող, քաջալերող: Իր քառասուն տարուան հրապարակագրական հարուստ վաստակով, իր հետեւողականութեամբ, աշխատասիրութեամբ, քաղաքական-գաղափարական հոսանքներու ու մտածողութեանց բաւիղներէն քալող, միշտ մեր ազգային ուղին գտնող ու լուսաւորող վերլուծութիւններով, ան շահած է ամէնէն բարձր դափնիներուն արժանանալու իրաւունքը:
Մենք այսօր պարզապէս կը նշենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի նախկին խմբագիր, դաշնակցական [...]
October 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դուրս մնացինք Եւրոպայի գաւաթի մրցախաղէն:
Վերջին անգամ ըլլալով դուրս մնացինք: Այն, ինչ տեղի ունեցաւ անցեալ Ուրբաթ օր, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, այն յուզումը, ոգեւորութիւնը, խանդավառութիւնը, զորս ապրեցաւ հայ մարդը հայրենիքի մէջ թէ դուրս, մարզադաշտէն ներս՝ հազարաւոր ազգակիցներու հետ, կողք-կողքի թէ իրարմէ աշխարհ մը հեռու, հայկական ֆութպոլի վերելքի ամէնէն ամուր գրաւականները կը հանդիսանան:
Հակառակ երէկուան պարտութեան ու [...]
October 11th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալը իրեն հետ կը բերէ պարտաւորութիւններ ու պարտականութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ իրաւունքներ:
Սկսինք իրաւունքներէն, որոնք անպայման կանոնակարգուած չեն: Կրնան նոյնիսկ վիճելի ըլլալ, եւ մենք պատրաստ ենք ունկնդրելու հակառակը ապացուցող փաստարկները, հիմնաւորումները:
Իբրեւ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ, կը հաւատամ, որ իմ իրաւունքս է եկեղեցիէս, անոր ծառայող հոգեւորականներէն ստանալ հոգեւոր սնունդ, այս տագնապալի միջավայրին մէջ՝ հոգեկան [...]
October 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Երեւան ժամանեց եւ թրքական աշխարհը դղրդացնող յայտարարութիւննեԱր կատարեց:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Լոս Անճելըս ժամանեց եւ յառաջիկայ օրերուն մեր համայնքային կեանքի տարեգրութեան մէջ յիշատակելի պահեր պիտի արձանագրուին:
Երկու իրադարձութիւններն ալ նշանակելի են թէ՛ տեղական եւ թէ՛ համազգային առումներով:
Այս իրադարձութիւններուն հաղորդակից դառնալու իրաւունքը կը պատկանի իւրաքանչիւր հայու, որ կ՛ապրի այս լայնատարած [...]
October 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Սեպտեմբերի ընթացքին համայն հայութիւնը ապրեցաւ ուրախ օրեր: Անդրադարձանք, որ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հայկական պետական միաւորներ (մէկը միջազգային քաղաքական ընտանիքին կողմէ ճանչցուած, միւսը՝ ոչ), կը շարունակէին գոյութիւն ունենալ ամբողջ քսանամեակ մը՝ առանց ընդհատումի: Տեղի ունեցաւ հպարտութիւն առթող զինուորական տողանցք, Հայաստան-սփիւռք բազմամարդ խորհրդաժողովով տեղի ունեցաւ համահայկական ընդլայնուած հանդիպում, բազմաթիւ գաղութներու մէջ տեղի [...]
October 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը արդէն ճամբայ ելած է ու այսօր կը հասնի Լոս Անճելըս: Թեմի զաւակներէն պատուիրակութիւն մը պիտի դիմաւորէ վեհափառը:
Վաղը՝ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Փոքրիկ Հայաստանի ու Հոլիվուտի հայ համայնքը Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, վեհափառը տեսնելու, անոր պատգամը ունկնդրելու ու անոր աջը համբուրելու առիթը պիտի ունենայ:
Վեհափառը պատշաճօրէն դիմաւորելու [...]
October 4th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հոկտեմբերը մշակոյթը պանծացնելու առիթ է, որ պարզապէս պատրուակ պէտք է ծառայէ համայնքի կազմակերպութիւններուն, մշակութային կեանքին առնչուող անձերուն ու գործիչներուն՝ մշակութային վայելքները աւելի ճոխացնելու, համայնքի առօրեան մշակութային ձեռնարկներով ծաղկեցնող քայլերու դիմելու:
Մեր մշակոյթի հարստութիւնը լայն հնարաւորոթիւն կու տայ այդ ասպարէզի գործիչներուն, որպէսզի կարենան մեզի հրամցնել բազմազան միջոցառումներ, ձեռնարկներ, ոչ թէ միայն ի փառաբանութիւն հայ մշակոյթին, այլ՝ մեր [...]
October 3rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ստորեւ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Փարիզի մէջ ՀՀ անկախութեան 20ամեակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին արտասանած ճարէն հատուած մը:
Մենք տօնում ենք մեր անկախութեան 20ամեակը: Մեր դժուար ու չքնաղ անկախութեան 20ամեակը:
Մենք ապրեցինք զրկանքներով ու հիասթափութիւններով, յաջողութիւններով ու ոգեւորութիւններով հարուստ քսան տարիներ:
Մենք տօնում ենք մեր անկախութեան 20ամեակը: Որքա՞ն ցաւոտ ու կնճռոտ խնդիրներ ունի քսանամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Որքա՞ն յաճախ [...]
September 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անպաշտօն ժողովական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով, ընկերներս մեր տունը հրաւիրած էի ընթրիքի:
Աւարտեցաւ ընթրիքը ու անցանք աշխատանքի: Այն ալ աւարտեցաւ: Չեմ գիտեր ինչպէս նիւթը փոխուեցաւ ու սկսանք խօսելու «Ասպարէզ»ի մասին, ծանրաբեռնուածութեան, առօրեայ հեւքին ու հազար ու մէկ դժուարութիւններուն: Տառապեալ դէմքով, բայց խանդավառութեամբ (հաւանաբար խրախուսական կամ գնահատական բառեր լսելու ակնկալութիւն ունէի), կը փորձէի բացատրել, թէ ինչպէ՛ս հազիւ [...]
September 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր բակին մէջ, մեր քիթին տակ, Օսմանեան զինուորական փողերախումբը տողանցք պիտի կատարէ յառաջիկայ Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբերին:
Հասկնալի է, որ կազմակերպողներու այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը պիտի յառաջացնէր տեղւոյս հայ համայնքին՝ մեր, ընդվզումը:
Իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն, դաշնակցական երիտասարդները, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց բողոքի ցոյց, որ տեղի պիտի ունենայ տողանցքի վայրին մօտակայքը:
Իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն՝ Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, [...]
September 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ընդհանրապէս հաճելի է կարդալ լաւատեսական գրութիւններ, ուր եթէ չկան նոյնիսկ նորութիւններ, գոնէ կայ լաւի յոյսը: Սակայն սպասել լաւին եւ անտեսել կատարուած սարսափելին՝ յանցագործութիւն է:
Հայրենիքում կատարուած անօրէնութիւնները միշտ վերագրում ենք տիրող իշխանութիւնների անձնական շահադիտական նպատակներին: Իսկ Սփիւռքում. չգիտես ինչու, ազգային հարցերի անյաջող որեւէ դասաւորում կապւում է ուծացման եւ ձուլման հետ: Այստեղ ե՛ւս անձնական շահերը [...]
September 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Հայաստանի նախագահը իր ամերիկեան այցելութեան ընթացքին քանի մը առիթներով խօսք ուղղեց հայ համայնքին: Նախ Նիւ Եորքի մէջ, ապա Լոս Անճելըս, նախագահին ելոյթները, բացի իրենց հայրենասիրական յուզախառն երանգներէն, ունէին նաեւ սփիւռքահայ ընդդիմադիր զանգուածներու մտահոգութեանց անդրադառնալու նպատակ:
Անկախութեան վերականգնման 20րդ տարեդարձին առիթով, Ամերիկայի զոյգ ափերուն տեղի ունեցած հանդիսութեանց ընթացքին նախագահին ուղերձները, եթէ ոչ պաշտպանողական, առնուազն՝ բացատրական շեշտ ունէին:
«Բարեշէն [...]
September 26th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ահա բոլորեցինք քսանամեակը Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին։
Քաղաքամայր Երեւանի մէջ թէ աշխարհի մեծ ու փոքր մայրաքաղաքներու տարածքին, պետական հանդիսաւոր շուքով թէ ժողովրդային խանդավառ համախմբումներով, ազգովին արժեւորումը կատարեցինք Հայոց Պետականութեան կտրած քսանամեայ ուղիին՝ հաշուեկշռի բերելով մեր հաւաքական նուաճումներն ու ընկրկումները։
Քաղաքական թէ գաղափարական մեր բոլոր տարբերութիւններով ու տարակարծութիւններով հանդերձ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր, միաձայնութեա՛մբ հաստատեցինք, որ 21 [...]
September 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Հայաստանի նախագահը, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբերին, ելոյթ ունենալով ՄԱԿի Գլխաւոր համաժողովի բեմէն, արծարծեց Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը:
Ստորեւ՝ նախագահի ճառի համապատասխան բաժինը.
Այս վեհաժողովի շրջանակներում, ի թիւս մեր ժամանակի թերեւս ամենակարեւոր եւ անյապաղ լուծում պահանջող խնդիրների վերաբերեալ քննարկումների, երէկ տեղի ունեցաւ Դուրբանի հռչակագրի 10ամեակին նուիրուած բարձրաստիճան հանդիպումը, որը մէկ անգամ եւս ամրագրեց անհանդուրժողականութեան, ռասիզմի, ռասայական խտրականութեան եւ այլատեացութեան բոլոր [...]
September 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ռուսական «Ռոսիա-24» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, Հայաստանի նախագահը յայտարարած է, թէ յաջորդ 20 տարիներուն, Հայաստան իր ընկերային-տնտեսական ցուցիչներով ունի բոլոր հնարաւորութիւնները դուրս գալու միջին եւրոպական մակարդակ: Նախագահը զգուշացուցած է, սակայն, որ հասնելու համար այդ մակարդակին, անհրաժեշտ է «աւելի հետեւողականօրէն շարունակել այն բարեփոխումները, որոնք այժմ իրականացնում ենք»:
«Մենք կարծում ենք, որ եկել է ժամանակը, երբ [...]
September 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եթէ պարզապէս այս օրը անցընելու մասին է խօսքը, ապա դիւրին է: Հանդէսներ կը կազմակերպենք, կ՛երգենք, կը պարենք, կը զուարճանանք, կը ցնծանք ու զիրար կը շնորհաւորենք:
Անկախութեան տօնը այդպէս անցընելով չեմ կարծեր, որ մեր երկրի հզօրացման նպաստած կ՛ըլլանք, չեմ կարծեր, որ անկախութիւնը ամրապնդելու որեւէ նպատակի ծառայած կ՛ըլլանք: Թէեւ պէտք է ըսել, որ ոեւէ մէկը մեզմէ այսօր [...]
September 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
(ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը՝ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ համայնքներու ղեկավարներու ու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին):
September 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս Կիրակի, Արցախի տարածքին տեղի պիտի ունենան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները: Արցախցիք իրենց ազատ կամքով այդ օրը պիտի ընտրեն իրենց համայնքապետները, գիւղապետներն ու քաղաքապետները:
Ասիկա արդէն հինգերորդ անգամն է, որ արցախցիք միջազգային չափանիշներով օրինապահօրէն իրենց ժողովրդավարական իրաւունքները կը կենսագործեն՝ ուղղուելով քուէատուփ եւ ընտրելով իրենց նախընտրած թեկնածուները:
Արցախեան իւրաքանչիւր ընտրութիւն իսկական մղձաւանջ մը կը հանդիսանայ Ատրպէյճանին, որ [...]
September 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի Անկախութեան վերականգնման քսաներորդ տարեդարձը ժողովրդային տօնախմբութիւններով նշելու առիթը մեզի ալ կը ներկայանայ այստե՛ղ, Կլենտէյլի մէջ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, ուր նոյն տարեդարձին օրը՝ Սեպտեմբեր 21ին, մեզ պիտի հրամցուի տօնական յայտագիր մը:
Անշուշտ, երանի՜ թէ Երեւան ըլլայինք (հազար երանի անոնց, որոնք այնտեղ ըլլալու առիթը պիտի ունենան), երանի՜ թէ կարենայինք հայրենի հողին վրայ ըլլալ ու [...]
September 15th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» ընթերցող մը մեր ուշադրութեան յանձնեց Արցախի պաշտպանութեան Բանակի մամլոյ բաժինին կողմէ հրապարակուած տեսաերիզը՝ վար առնուած անօդաչու ինքնաթիռը ներկայացնող:
Գիտնական ընթերցողը նկատած է, որ ինքնաթիռի կառավարման դրութեան սարքերէն կտոր մը, Սան Տիէկոյի մէջ գործող «Նովաթել» ընկերութեան արտադրանքն է:
Ատրպէյճանը իր անօդաչու ինքնաթիռները կը գնէ Թուրքիայէն, որուն հետ ձեռնարկած է նաեւ համատեղ արտադրութեան՝ նոյն տեսակի ինքնաթիռներու, որոնք [...]
September 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱԶԴԱԿ»
Սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի պետական համալսարանին եւ «Հայկազեան» համալսարանին միացեալ կազմակերպումով, այս օրերուն Լիբանանի մէջ գումարուող գիտաժողովի նիւթը խիստ այժմէական հնչեղութիւն ունի (թղթակցութիւնը տես Շաբաթ, 10 Սեպտեմբերի «Ասպարէզ»ի մէջ, էջ 12): Արծարծուած խնդիրներու համահայկական հնչեղութիւնը կ՛ընդգծէ՛ շեշտուող հրամայականը՝ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան դաշտը կայացնելու:
Փորձերը շատ են. առնուած քայլերը հայրենիքէն զգալիօրէն՝ առատ, սփիւռքեան ընդառաջումները նկատառելիօրէն՝ արագ եւ անմիջական: Անհրաժեշտութիւնը [...]
September 13th, 2011
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Անհատներ կան, որոնք ապրում են եւ նշանաւոր են միայն նրանով, որ մի բարձր պաշտօն ունեն կամ աստիճան: Առէք նրանցից էդ պաշտօնը կամ աստիճանը՝ կը տեսնէք՝ օխտը կորածի մինը: Մարդիկ էլ կան, որ առանց իշխանութեան էլ, թէկուզ նոյնիսկ ձախորդութեան ու հալածանքի մէջ, միշտ երեւում են իրենց ինքնուրոյն կերպարանքով, ուժով ու շնորհքով:
Էդպէս են եւ մարդկային ցեղերը: [...]
September 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
(Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնումի 20Ամեակի Առիթով)
Իւրաքանչիւր հայ մարդ հպարտութեան անխառն զգացումներով է որ այսօր կը տօնախմբէ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20ամեակը։ Ոչ ոք չի կրնար դոյզն չափով իսկ կասկածի տակ առնել սփիւռքահայ թէ հայրենաբնակ հայ մարդու նուիրումն ու սէրը հայրենիքին ու անոր անկախութեան գաղափարին նկատմամբ։ Խորհրդային ամբողջատիրութեան ծանր տարիներուն, սփիւռքահայութիւնը հաւատարմօրէն փայփայեց եւ սերունդներուն մէջ վառ պահեց [...]
September 9th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ինչո՞վ կը զբաղուին դեսպանները, ի՞նչ կը բանին յատկապէս մեծ տէրութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչները:
«Ուիքիլիքս»ի բացայայտումները շահեկան ընթերցումներ են՝ գնահատելու համար դեսպաններու ու իրենց անձնակազմերու գործունէութեան որակը, անոնց հետաքրքրութեանց ուղղութիւնները, միջավայրը, քաղաքական-ընկերային ներքին մթնոլորտը ճիշդ ըմբռնելու, վերլուծելու կարողութիւնը:
«Ասպարէզ» պիտի փորձէ իր ընթերցողին ներկայացնել Հայաստանի վերաբերող «Ուիքլիլիքս»ի հրապարակած փաստաթուղթերու առաւելագոյն քանակ մը, որպէսզի ընթերցողները կարենան իրենց ինքնուրոյն գնահատումը [...]
September 8th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սեպտեմբեր 1ին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ կայացած Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովի կազմակերպող մարմնի նիստին, որուն մասնակցած են Սփիւռքի համահայկական կազմակերպութիւններու եւ ՀՀ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ, քննարկուած է համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքը:
Մամուլով արդէն հրապարակուած է, որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 19ին եւ պիտի աւարտի 20ին, առիթ տալով [...]
September 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Պրն. Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան
Վարչապետ Թուրքիոյ
Անգարա
Պրն. Վարչապետ,
Մամուլի ճամբով տեղեակ դարձանք՝ 1936 թուականէն ասդին Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու ձեր կառավարութեան որոշման: Անկասկած յիշեալ որոշումը ճիգ մըն է ընդառաջելու վերջին շրջանին Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ճնշումներուն գծով Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կատարած քննարկումներուն [...]
September 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ստեփանակերտի մէջ Արցախի անկախութեան հռչակման քսաներորդ տարեդարձին առթիւ, երիտասարդներ հրապարակ իջած են՝ «Լոխ լաւ ա» գրութիւնը կրող շապիկներ հագած:
Արցախի ազատագրական պայքարի ամէնէն ծանր օրերուն, այն ժամանակուան երիտասարդները ժամանակ չունէին իրենց շապիկներուն վրայ գրութիւններ կարել կամ նկարել տալու: Բայց եւ պատերազմի ամէնէն թէժ պահերուն իսկ, արցախցի մարտիկները, իրենց կողքին տեսնելով Հայաստանէն ու Սփիւռքէն հասած նուիրեալներ՝ [...]
September 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստան-Արցախ սահմանագիծին (քիչ մը տարօրինակ կը հնչէ, չէ՞) վրայ իր զաւակներուն ու հիւրերուն բարի գալուստ մաղթող ցուցանակին կողքէն չես կրնար անտարբեր անցնիլ: Քսան տարին չափազանց կարճ ժամանակամիջոց է՝ գերեվարուած հայրենիքի մէկ կտորի ազատագրումը սովորական երեւոյթ իբրեւ ընկալելու համար:
Ազատամարտին յիշողութիւնը, իր ամբողջ փառաւորութեամբ ու անձկութիւններով, ցաւով ու բերկրանքով, այնքա՛ն թարմ է, այնքա՛ն ապրող, որ Արցախի [...]
September 1st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»
Երկրորդ բարձրաստիճան պաշտօնեան է կալանաւորւում ոստիկանութեան համակարգում: Քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Յովհաննէս Թամամեանի կալանաւորման աղմուկը դեռ չի հասցրել դադարել, երբ ձերբակալւում է Ճանապարհային ոստիկանութեան երկարամեայ պետ Մարգար Օհանեանը:
Ի՞նչ է սա նշանակում՝ կոռուպցիայի դէմ անհաշտ պայքա՞ր: Նախընտրական «շոու»ների (ցուցադրական-Խմբ.) թատերաշրջանի բացո՞ւմ: Ոստիկանութեան դէմ անյայտ թշնամանքի դրսեւորո՞ւմ: Թէ՞ ամենակոռումպացուած (ամէնէն շատ փտած-Խմբ.) համակարգերի դէմ պայքարի անզօրութեան [...]
August 31st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վախճանը յայտարարելու գոհունակութիւնը դեռ երկար ժամանակ պիտի չկրնանք ապրիլ:
Հազիւ թրքական կողմէ արձանագրութիւնները քաղաքական տեսադաշտէն դուրս բերելու քայլ մը կ՛առնուի, հայկական կողմը կը փութայ զայն դարձեալ ետ բերել ու առիթ մը եւս տալ, որ հակառակորդը հանգիստ, առանց ճնշումի կատարէ իր հաշուարկները, կշռէ օգուտներն ու վնասները եւ ճշդէ իր յառաջիկայ քայլերը:
Հիմա, Երեւանի մէջ Հայաստանի [...]
August 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ԱՄՆի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններէն ամէնէն արդիւնաւէտ, ամէնէն նպատակասլաց աշխատողներէն մէկն է:
Իր աշխոյժ գործունէութեան շնորհիւ, այս կազմակերպութիւնը կրցած է իր շուրջ հաւաքել ամերիկահայ երիտասարդներու հոծ խումբ մը, որ իր անգնահատելի ներդրումը կը բերէ Հայ Դատի աշխատանքներու ծիրի ընդլայնման, նոր գաղափարներու, նոր մարտավարութեան մշակման ճիգերուն:
Այս նոր մարտավարութեան մէկ դրսեւորումն է Թուրքիոյ [...]
August 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բարեգործութիւններուն վերջ պէտք է տալ եւ ներդրումներ կատարելով՝ պէտք է նպաստել հայրենիքի տնտեսական զարգացման ու հայրենի ժողովուրդի բարգաւաճման: Կարելի չէ վիճարկել նման գաղափար մը: Բարեգործութիւնը կախեալութիւն կը յառաջացնէ, մինչ ներդրումը՝ գործ, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ կը ստեղծէ:
Ներդրումներու հարցը սփիւռքահայու հայրենասիրութեան հետ պայմանաւորելը, հաւանաբար այնքա՛ն ալ ճիշդ չէր: Ներդրումը շահի ակնկալութեամբ կը կատարուի ու կը բանի [...]
August 26th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ֆէյսպուք»ի համապատասխան էջի վրայ կը կարդանք.
««Չենք լռելու» նախաձեռնութիւնը ստեղծուել է Հայաստանի ապագայով մտահոգ մի խումբ երիտասարդների կողմից: Այն կոչուած է՝ մամուլի եւ սոցիալական ցանցերի միջոցով լայն հասարակական քննարկման առարկայ դարձնել առաւել տագնապայարոյց հարցերը: Նախաձեռնութիւնը քաղաքականապէս անկախ է: Ձեզ յուզող հարցերով կարող էք դիմել մեզ՝ chenqlrelu@gmail.com էլեկտրոնային փոստով»:
Խումբի «ֆէյսպուքեան» անդամներուն թիւը, երբ սկսայ այս սիւնակը [...]
August 25th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԾԱՆՕԹ.- Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. կաթողիկոսի փակման խօսքին՝ արտասանուած Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին՝ նուիրուած արեւմտահայերէնին, Պիքֆայա, 20 Օգոստոս, 2011:
Անցնող երեք օրերը մեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ լեցուն ու հարստացնող օրեր եղան: Զեկոյցներու, քննարկումներու, երկխօսութիւններու ու վերլուծումներու ճամբով փորձեցինք լուսարձակի տակ բերել մեր ազգի կեանքին ներկայ հանգրուանի կարեւոր [...]
August 24th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».. Այսօր տարեդարձն է Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումին նախատօնակը հանդիսացող Անկախութեան հռչակագիրի ստորագրութեան: Ստորեւ կը վերահրապարակենք պատմական այս փաստաթուղթը.
Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը՝ արտայայտելով Հայաստանի ժողովրդի միասնական կամքը, գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում, ելնելով մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագրի սկզբունքներից եւ միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ նորմերից, կենսագործելով ազգերի [...]
August 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ձախողութեան մը մէջ յաջողած ըլլալու ցաւը կը տագնապեցնէ մեզ, յատկապէս՝ այս օրերուն, երբ հայրենիքի անկախութեան քսանամեակին առիթով պէտք է միայն անխառն ցնծութիւն ապրէինք:
Այո, ամէն օր մեր արժանապատուութիւնը կը վիրաւորուի, որովհետեւ մեր պաշտած հայրենիքին երազած անկախութիւնը, ահա քսան տարիներ մեր ձեռքին մէջ է, իսկ մենք ձախողած ենք հայոց ազգին համար այնպիսի երկիր մը կառուցել, ուր [...]
August 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գալիք ամիս, Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձի տօնական մթնոլորտին մէջ պիտի գումարուի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներու համագումարը:
Նախապէս նոյն տեսակի համագումարներ կազմակերպուած էին արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Սփիւռքի իւրայատուկ վիճակէն մեկնած՝ նման համագումար կազմակերպողները, պարտաւորուած կը զգան մէկը դուրս ձգած չըլլալու տրամաբանութեամբ շարժիլ՝ անխուսափելիօրէն բազմամարդ դարձնելով ժողովը:
Բազմամարդ ժողովը, որքա՛ն ալ լաւ կազմակերպուած ըլլայ, չի [...]
August 17th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նկարը, երբեմն, հազար բառէ աւելի արտայայտիչ է: Լրագրութեան ասպարէզի մարդիկ կը հաւատան, որ նկարը կը հարստացնէ լուրը, կ՛ամբողջացնէ պատմութիւնը:
Թերթի էջերուն համար, նկարը նաեւ ճոխացնելու, ընթերցումը դիւրացնելու յատկանիշը ունի:
Վստահ ենք, որ մեր ընթերցողներուն համար այս հաստատումները նորութիւն չեն: Այդ ուղղութեամբ դժգոհութիւն ալ չենք լսեր, ընդհակառակը՝ մարդիկ կը գնահատեն մեր ճիգը՝ լուրերուն կամ յօդուածներուն հետ առնչուող [...]
August 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ կը ներկայացնէ ԹՈՒՄՕն, որուն բացումը փառատօնային հրաշալի միջոցառումի մը վերածուեցաւ:
Հայաստանեան իրականութեան մէջ սփիւռքահայու մը կողմէ իբրեւ բարեսիրական ծրագիր այս ձեռնարկը կրնայ առանձնանալ թէ՛ իբրեւ յղացք եւ թէ իբրեւ իրագործում: Պատի՛ւ Սէմ Սիմոնեանին, իր ընտանիքին ու բոլոր իր գործակիցներուն, որոնք գլուխ հանեցին այս իւրայատուկ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի իսկ խոստովանութեամբ՝ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող ԹՈՒՄՕն:
ԹՈՒՄՕի շնորհիւ, [...]
August 15th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Խորին շնորհակալութիւն Կը յայտնեմ Արփինէ Մոմճեանին, որ ինձ նուիրեց «Ասպարէզ» օրաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն»: Այս երկտողը ստացած ենք Հայ Օգնութեան Միութեան Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի աշակերտուհի Սօսի æուհարեանէն:
Արփին «Ասպարէզ»ի հարազատներէն է, որ իր թերթին հետ կապը առաւել սերտացած էր՝ մեր գրադարանը իր հօր՝ Մկրտիչ Արարատեանի, անունով դարձնելու ճամբով: Հաճելի է զինք պարբերաբար տեսնել, ու գնահատելի՝ [...]
August 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԵՐԿԻՐ»Ի
(Իլհամ Ալիեւ. «Թուրքիոյ նման մեծ պետութենէ մը կարելի՞ է հողեր պահանջել: Ասիկա պարզապէս ցոյց կու տայ, որ անոնք մտային խնդիրներ ունին: Անոնք իրական աշխարհի մէջ չեն ապրիր, այլ՝ երազային: Թող արթննան, թող վերադառնան իրականութեան աշխարհ, եւ առնուազն՝ իրենք զիրենք համեմատեն Թուրքիոյ հետ: Ինչպէ՞ս կարելի է փիղը համեմատել մրջիւնին հետ»:)
Հայաստանի նախագահի եւ հայ ժողովրդի հասցէին [...]
August 11th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»
Փոքր երկրի պարագայում արտագաղթի հետեւանքներն աւելի ակնառու են լինում: Աչքիդ առաջ, օրեցօր արձանագրում ես մտքի, մասնագէտների, խիզախութեան, քաղաքացիական կեցուածքի նուազումը: Արձանագրում ես ու սարսռում՝ վերջը՞: Ումո՞վ ենք տնտեսութիւն պահելու, հող մշակելու, երեխայ կրթելու, օրէնք մշակելու, թերթ տպելու եւ վերջապէս, եթէ հարկ լինի՝ թշնամուն յաղթելու: Նօսրացող այս շարքերով ինչպէ՞ս ենք զարգանալու, երբ ամէն օր աւելի ու [...]
August 10th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ օր բարեկամս հեռաձայնեց իմաց տալու համար, որ յաջորդ օրը, ինք Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան կ՛երթայ:
Քանի մը օր առաջ, դարձեալ, ազգականներէս մէկը, որ վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ մեր գերդաստանը ի մի բերելու հրաշալի ու յաջող փորձը ըրած էր, տեղեկացուց, որ ճամբայ կ՛ելլէ՝ այցելելու համար իմ ծնողներուս ծննդավայրը՝ Մուսա Լեռ:
Ազգականս որոշած է նաեւ մեր գերդաստանի նահապետին՝ [...]
August 9th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Տնտեսական ճգնաժամին առջեւ աշխարհի մեծ տնտեսութեանց ղեկավարները անճրկած կը թուին ու այդ անճրկումն իսկ պատճառ կը դառնայ, որ յուսահատութիւնը խորանայ՝ խուճապային մթնոլորտ յառաջացնելով արժեթուղթերու շուկաներէն սկսեալ մինչեւ արդէն տեւական թուացող անգործութեան դատապարտուած միլիոնաւոր մարդոց մէջ:
Ամերիկայի նման գերհզօր տէրութիւն մը, անցնող օրերուն խեղճուկ անզօրութեամբ վարկաբեկուեցաւ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ, երբ իր գերազանց վարկային կարգավիճակը կոր-սնցուց՝ [...]
August 8th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի տնօրէնութիւնը հրապարակ հանած է վիճակահանութեան տոմսեր, որոնք արդէն իսկ դրուած են վաճառքի. (Ծանուցումը տեսնել էջ 4ի վրայ):
Վիճակահանութիւնը միջոց մը պիտի դառնայ, որ «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» հաստատութեան բարեկամները իրենց աջակցութիւնը բերեն շրջանիս հայ մամուլի կարեւորագոյն օղակներէն մէկուն, միեւնոյն ատեն, ինչու չէ նաեւ՝ վիճակահանութեան դրուած մեքենան շահելու բախտը փորձելով:
Հրապարակուած հազար տոմսերը սպառելը կրնայ դժուար ձեռնարկ նկատուիլ մանաւանդ [...]
August 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Օգոստոս 4, 2011ը Պոլիս լոյս տեսնող «Մարմարա» օրաթերթի եւ ընդհանրապէս հայ մամուլի տարեգրութեան մէջ իսկապէս պատմական նշանակելի օր մը դարձաւ: «Մարմարա»ի խմբագրութեան բառերով «4 Օգոստոս 2011, օրը օրին կը լրանան «Մարմարա»ի առաջին էջի վրայ հաստատուած
«Յուշատետր» ամէնօրեայ սիւնակի երեսուն տարիները։ Ճիշդ երեսուն տարիէ ի վեր ուրեմն մեր գրասէր ընթերցողները, ամէն օր, բացի Շաբաթ օրերէ, «Մարմարա»ի աջ [...]
August 4th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամառնային արձակուրդները սկսած են արդէն, եւ ամէն օր հայաստանեան թերթեր ու մամլոյ գործակալութիւններ կը միանան «հանգստացողներու» շարքին՝ դժուարացնելով «Ասպարէզ»ի նման օրաթերթերու գործունէութիւնը:
Բողոքելու իրաւունք չունինք, անշուշտ: Ընդհակառակը, մենք շնորհակալ ու երախտապարտ ենք հայկական բոլոր լրատու ծառայութիւններուն ու թերթերուն, որոնց վրայ ծանրօրէն կը յենինք՝ հայրենի իրադարձութեանց մեր լրատուութիւնը, ինչպէս եւ որոշ օժանդակ նիւթեր ապահովելու համար: Արձակուրդի [...]
August 3rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
ՀԱԿի երէկուան հանրահաւաքի ելոյթները յստակ դարձուցին մէկ բան. թէ՛ իշխանութիւնը՝ յանձինս նախագահին, եւ թէ ՀԱԿը, պարզապէս կ՛ուզեն հանգիստ ամառ մը անցնել՝ կա՛մ հանգստանալու, կա՛մ պատրաստուելու աւելի լարուած պայքարի մը:
ՀԱԿի երկրորդական ղեկավարներու ելոյթներուն մարտունակութիւնը, նոյնիսկ վերջերս առանձնայատուկ զսպուածութիւն ցոյց տուող ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթին շեշտը կը թելադրեն, որ այս երկխօսութիւնը իր ներկայ ձեւով [...]
August 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկան՝ յաչս միջազգային տնտեսական կառոյցներուն, իր «պատիւը» փրկած ըլլալու գոհունակութիւնը պէտք է զգայ: Ի վերջոյ, կ՛ահազանգուէր, որ եթէ Քոնկրեսն ու Ծերակոյտը համաձայնութեան մը հասնին, երկիրը պիտի փրկուի խայտառակութենէ եւ պիտի կարենայ իր ցարդ ունեցած բարձրագոյն վարկանիշը պահել, պիտի կարենայ իր տեղական եւ միջազգային պարտաւորութիւնները կատարել:
Տեղական պարտաւորութիւններու կարգին ամէնէն մտահոգիչը եւ ամէնէն մտահոգուողները, վստահաբար, թոշակառուներն [...]
August 1st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Աշխարհասփիւռ հայութեան զաւակներուս համար, հոգեկան մեծ ցնծութիւն է եւ պատմական յիշատակելի հանգրուանի մը մասնակցութեան բերկրանք, երբ մեր ազգընտիր հայրապետը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս, հովուապետական այցելութեամբ մը կը պատուէ թեմական շրջան մը։
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր թեմը պատմական նման հազուադէպ հանգրուանի մը կը պատրաստուի այս օրերուն։ Ընդառաջելով թեմիս Կրօնական [...]
July 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »