Home » Օրուան ՄտածումըYou are browsing entries filed in “Օրուան Մտածումը”
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՀՀ Ազգային ժողովի Պետա–իրաւական Հարցերու յանձնաժողովը Փետրուար 15ին հրաւիրած է խորհրդարանական լսումներ՝ «100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցում կատարելու հարց»ի քննարկման օրակարգով։
Մեր երկրին մէջ գործող օրէնսդրութեամբ, Ազգային ժողովը կը բաղկանայ 131 պատգամաւորներէ, որոնց 90ը կ՛ընտրուի համամասնական, իսկ 41ը մեծամասնական ընտրակարգով (70 եւ 30 առ հարիւրի յարաբեկցութեամբ)։
Քսանամեայ իր անկախութեան ամբողջ շրջանին Հայաստանի Հանրապետութիւնը միշտ պահպանած է [...]
February 8th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թրքական պետութեան դիւանագիտական ճկունութիւնն ու խորամանկութիւնը աշխարհահռչակ են։
Օսմանեան կայսրութեան նուաճման ժամանակներէն իսկ, թուրք քաղաքական միտքը նախանձելի ընդունակութեամբ կրցած է մէկ ձեռքով եաթաղանը անխնայ գործածել, իսկ միւսով՝ իրաւունքի եւ արդարութեան կշիռքով օրօրել իր մրցակիցներն ու մինչեւ իսկ… զոհերը։
21րդ դարու երկրորդ տասնամեակի սկզբնական այս շրջանին եւս, թրքական պետութիւնը ի վիճակի է զարմացնելու եւ տպաւորելու միջազգային ընտանիքը՝ [...]
February 1st, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանն ու հայութիւնը խորհրդարանական ընտրապայքարի տարին սկսան իւրայատուկ… աւետիսով մը։
Մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները աւետեցին, որ «Յունուարի 10ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով ձեւաւորուել է բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիկայի յանձնաժողովի կազմը, որի գործունէութեան տիրոյթը ներառելու է 500 բարձրաստիճան պաշտօնեաների գոյքի եւ եկամուտների վերաբերեալ յայտարարագրերի վերլուծութիւնը եւ հրապարակումը, շահերի բախման դէպքերի եւ էթիկայի կանոնների խախտումների յայտնաբերումը [...]
January 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Քաղաքական հարցախոյզներու եւ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան հայրենի մասնագէտ մը, տարեվերջին, ինքնավստահութեամբ դիտել կու տար, թէ Հայաստանի 2012ի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքը այժմէն իսկ նախատեսելի է։
Ահարոն Ադիբեկեանի համաձայն՝ ներկայ իշխանաւոր համախմբումը Ազգային ժողովի յառաջիկայ նորընտիր կազմէն ներս կ՛ունենայ 55 տոկոսի մեծամասնութիւն, Դաշնակցութիւնն ու Ժառանգութիւնը՝ 10ական տոկոս, իսկ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները համախմբող Հայ Ազգային Կոնգրեսը կ՛ապահովէ 25 տոկոսի [...]
January 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՇԱՒԱՐՇ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ, Երեւան
Հայ ժողովրդի այն տեսակը, որ իր կեանքի գնով, զէնքով, գրչով կա՛մ իր քրտինքով, միշտ տանում էր ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ծանր բեռը, ստեղծեց մեր փրկութեան կուսակցութիւնը՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Մեր ժողովուրդը ուրիշ ճանապարհ չունի:
January 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2011ը կը փակենք, ազգային–քաղաքական գետնի վրայ, դրական հաշուեկշռով։
Թէեւ ընկրկումներ արձանագրուեցան 2011ին եւս, բայց ձեռքբերումները գերակշռեցին։
Անշուշտ՝ յարաբերական առումով։
Բաղդատաբար 2010ին, հայ ժողովուրդը 2011ին յառաջխաղացք արձանագրեց որոշապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Տարի մը առաջ լուրջ դժուարութիւն ունէինք զիրար հասկնալու եւ, մանաւա՛նդ, ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները տարհամոզելու, որ «Հայեւթուրք Արձանագրութիւն»ն ու զայն կեանքի կոչող «Ֆութպոլային Դիւանագիտութիւնը» ի սկզբանէ անհեթեթ [...]
December 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
(Նիքոսիա, Կիպրոս)
Շուտով 2011ը կ՛անցնի պատմութեան գիրկը… Յիշենք միայն լաւն ու բարին, դասեր քաղենք մեր սխալներէն, լեցուինք նոր եռանդով ու սիրով դէպի կեանքն ու մարդիկ… եւ շարունակենք մեր կեանքի ճամբան նորոգ յոյսով ու հաւատքով…
December 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները իբրեւ «դասական» ու «աւանդական» կառոյցներ վարկազրկելու, մերժելու եւ այսպէս կոչուած «ժամանակակից» նորերով փոխարինելու փորձերն ու յաւակնութիւնները այնքա՜ն անհեռանկար են, որ առաջին ակնարկով կրնայ թուիլ, թէ անոնց դէմ այս աստիճան շարունակական ահազանգ հնչեցնելու կարիքը չկայ։
Բայց երբ քննական հայեացքով լուսարձակի տակ առնուին հինցած ու սպառած այդ քարոզարշաւին զուգահեռ հոսող եւ, իբր [...]
December 21st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազգային եւ համահայկական մեր կուսակցութիւնները վերապրեցան ժամանակի մաշումէն, որովհետեւ եղա՛ն սերունդներու անձնուիրութեամբ նուաճուած գաղափարական ու կազմակերպական աւանդներու եւ բարոյական արժէքներու հաւատարիմ ու հաւատաւոր ժառանգորդը։ Աւելի՛ն. եղան ժառանգուած աւանդն ու արժէքները ոչ միայն ինքնանպատակ պահպանող, այլեւ վերանորոգող, արդիականացնող եւ նոր հորիզոններու բացող գաղափարական կազմակերպութիւններ՝ ի սպաս ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան իրականացումին։
Կարելի է տարակարծութիւններ կամ [...]
December 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս անհատական, նոյնպէս եւ հաւաքական կեանքի մէջ, անցեալի դրամագլուխը նկատի կ՛առնուի եւ արժէք կ՛ունենայ այն չափով, որքանով ժամանակին ու կեանքին հետ քայլ կը պահէ, կը գործարկուի եւ կը վերանորոգուի՝ նորովի արժէքներ ստեղծելով։
Անցեալը անկասկած դրամագլուխ է եւ արտասովոր չէ, որ անհատի մը կամ հասարակական միաւորի մը տեղն ու արժէքը կը չափուին անոր ունեցած կենսափորձով, դրսեւորած [...]
December 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ինչպէս գրականութեան եւ արուեստներու մէջ, նոյնպէս եւ ազգային–հասարակական մտածողութեան մակարդակին, համաշխարհայնացման նորօրեայ խառնաշփոթը վտանգած է ըադհանրապէս իրաւ արժէքները։
Նորահաս եւ ազգային յիշողութիւն չունեցող մտածողը հրապարակ կ՛իջնէ տոն–քիշոթեան այն յաւակնութեամբ, որ ամէն ինչ իրմով կը սկսի եւ իրմով պէտք է իր վախճանին յանգի։
Կը բաւէ մօտէն հետեւիլ հայ քաղաքական մտքի համացանցային ցուցասրահներուն, տեսնելու եւ հաստատելու համար, որ [...]
November 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ակնբախ է, որ Հայաստան–Սփիւռք կամուրջներու հաստատման եւ ամրապնդման հետ, հայ քաղաքական միտքը կը դիմագրաւէ լեզուամտածողութեան մերձեցման եւ գաղափարական հաղորդակցութեան լուրջ դժուարութիւն։
Երբեմն նոյնիսկ խուլերու խօսակցութեան յանգող այդ դժուարութիւնը հետեւանք է մէկ կողմէ «խորհրդահայ դարաշրջանէն» յամեցող կարծրատիպերուն, իսկ միւս կողմէ՝ վերանկախացեալ Հայաստանի կտրուկ հասարակափոխութեան հետ շրջանառութեան մէջ մտած քաղաքական նորելուկ բառապաշարին։
Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի կամ հայրենականի եւ [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
November 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ընդհանուր առմամբ ես դէմ եմ յեղափոխութիւններին, բացառութեամբ այն դէպքերի, երբ դրանք տեղի են ունենում քաղաքակրթութեան ոլորտում, այնպէս՝ ինչպէս ընդունուեց քրիստոնէութիւնը, ինչպէս եղաւ գրատպութեան, շոգեքարշի ստեղծման եւ, բնականաբար, համակարգիչների պարագայում: Սրանք ողջունելի յեղափոխութիւններ են:
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Թերեւս ուրիշներ եւս կամ շատեր տեղեակ չէին, բայց վերջերս բոլորս ալ պաշտօնապէս տեղեկացանք, որ Հայաստանի նախագահը դէմ է… յեղափոխութիւններուն։
«Հակայեղափոխական» իր կողմնորոշումին [...]
November 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մերն ուրիշ է…
Այն օրէն, որ Հայաստան թեւակոխեց ազատ–շուկայական յարաբերութեանց ոլորտ, «Մերն ուրիշ է» գովազդային յանկերգը ստացաւ ամէնէն տարածուն ու ազդու կարգախօսի ուժն ու ժողովրդականութիւնը։
Տեղին թէ անտեղի՝ ամէնուր տիրական դարձաւ սնապարծութեան ոչ մէկ սահման ճանչցող կամ յարգող «Մերն ուրիշ է» յաւակնութիւնը։
Նոյնիսկ իր շուկայ հանած անորակ կամ անմրցունակ ապրանքը գովազդելու համար, հայ «գործարարը» գտաւ մոգական գաւազանի [...]
November 9th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ ժողովրդավարութեան ճամբան ալ փշոտ է ու քարոտ։
Մինչեւ որ ժողովուրդ մը կարենայ իրապէ՛ս տէր կանգնիլ սեփական երկրի ու պետականութեան կառավարումը իր անկաշկանդ քուէով ձեւաւորելու եւ յառաջ մղելու իրաւունքին, վստահաբար շատ դժուարութիւններ եւ խութեր պիտի դիմագրաւէ, երբեմն նաեւ պիտի իյնայ ու ծունկը կամ/եւ քիթը պիտի արիւնէ։
Այդ ճամբէն անցած են, առանց բացառութեան, աշխարհի բոլոր [...]
November 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մտաւորականութիւնը Սկսած Է Թերահաւատութեամբ Նայելու Իր Առաքելութեան
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Գաղափարական քննարկումներու վայրեր կա՞ն այսօր: Ո՞ւր կարելի է գտնել նման գրականութիւն: Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական, հասարակական իւրայատուկ իրավիճակները կը դժուարացնե՞ն, թէ կը նպաստեն գաղափարական երկխօսութեան, բանավէճին: Հայ քաղաքական իրականութեան մէջ գաղափարական բանավէճ կա՞յ այս օրերուն: Եղա՞ծ է անկախութեան ամբողջ շրջանին:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Գաղափարական քննարկումները խոտոր կը համեմատին ներկայ դարաշրջանի [...]
October 26th, 2011
| Posted in Յօդուածներ, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Ընթերցողին Հասնելու Հայ Մտաւորականին Իրաւունքը Յարգեցինք». Նազարէթ Պէրպէրեան
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Ազդակ»ը եղած է հրապարակագրական կազմաւորման ձեր օրրանը։ Այդ օրերուն ի՞նչ էին հայկական լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան գլխաւոր յատկանիշները: Այսօրուան հետ բաղդատելով, ինչպիսի՞ հոլովոյթ ապրած է հայկական լրագրական մամուլը:
ՆԱԶՐԱԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- «Ազդակ»ի պատմութեան մէջ յատուկ շրջան մը սկսաւ 1971ին, երբ արդէն ՀՅԴ Լիբանանի Կ. Կոմիտէի պաշտօնաթերթ դարձած՝ «Ազդակ»ը սկսաւ լոյս [...]
October 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
ՉՈՐՐՈՐԴ ԺԱՄԱՆԱԿԱՀԱՏՈՒԱԾ
«Դրօշակ»ի չորրորդ ժամանակահատուածը կը սկսի 1986ին եւ վերջ կը գտնէ 2005ին: Այս հանգրուանին ՀՅԴ կեդրոնական պաշտօնաթերթին խմբագրութեան պաշտօնը կը վարէ Նազարէթ Պէրպէրեանը:
«Դրօշակ»ի թուղթի չափը 27×20.5 սմ. է, իսկ թուղթի որակը՝ ճերմակ փայլունի զարնող, ծաւալը երբեմն 42, երբեմն 50 կամ 74 էջով:
1986 թուականին դարձեալ վերահրատարակուող «Դրօշակ»ի մէջ գաղափարականութեան սկզբունքի կիրառման հաւաստիքը հանդէս կու գայ [...]
October 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստան–Սփիւռք կամրջումի օրակարգին փշոտ հարցերէն մէկը սեղանի վրայ կու գայ ամէն անգամ, որ
հրապարակ կ՛իջնէ հայրենիքին օգնութեան հասնելու, բայց «խելք տալու» փորձութենէն հեռու մնալու… մտայնութիւնը։
Ժողովրդային պարզութեամբ ըսուած՝ «դրամ տուէք, բայց խելք մի տաք» քարոզող այդ մտայնութիւնը մեր օրերուն, անշո՛ւշտ, այլեւս չի ներկայանար այդքա՜ն կոպիտ անկեղծութեամբ։ Արդէն մշակուած է քաղաքականապէս եւ կ՚արտայայտուի այնպիսի եզրերով, որոնք առնուազն [...]
October 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հին ու իր ժամանակը սպառած յանկերգ մը վերջերս դարձեալ լսելի դառնալու փորձ կը կատարէ։
Խօսքը կը վերաբերի Սփիւռքի «աւանդական կառոյցներ»ուն վրայ այս կամ այն ձեւի խաչ քաշելու յանկերգին, որ պարբերաբար կը հնչէ հայ քաղաքական մտքի բեմահարթակներէն։
Յանկերգի նորագոյն արձագանգին ականջալուր դառնալու առիթը ընծայուեցաւ այսպէս կոչուած «Եւրոպայի Հայերի Համագումար»ի մը կողմէ, որ Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին քսանամեակին վերաբերեալ [...]
September 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21 է դարձեալ եւ հայ ժողովուրդը, աշխարհով մէկ, արդար հպարտութեամբ կը տօնէ
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման քսանամեակը:
Ինչպէս քսան տարի առաջ, նաեւ այսօր մեր ժողովուրդը ոչ մէկ կասկած ունի, որ 21 Սեպտեմբեր 1991ի Անկախութեան Հանրաքուէի ժամանակ ճիշդ քայլ նետեց, երբ միաձայնութեամբ «Այո՛» պատասխանեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախ ապրելու պատմական հարցադրումին:
Անկախութեան առաջին քսան տարիները [...]
September 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի վերականգնումէն ասդին քսան տարի անցած է, ազգովին կտրած ենք պատմական կարեւորութեամբ նուաճումներու եւ ռազմավարական տարողութեամբ վերիվայրումներու բախտորոշ ճամբայ մը եւ, ահա՛, հասած–կանգնած ենք այսօրուան մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներու յաղթահարման հրամայականին առջեւ՝ Ազգի ու Հայրենիքի վաղուան յաղթարշաւի ուղին ճշդորոշելու առաջնահերթ օրակարգով։
Արդէն քսանամեայ կենսափորձ ունինք ազգովին, որպէսզի առօրեայ եւ ընթացիկ քաղաքականութեան բաւիղներուն մէջ [...]
September 14th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակը առիթ է հաշուետուութեան ու պատասխանատուութեան ոգիով մօտենալու, քննարկելու եւ արժեւորելու, ազգովի՛ն, որքան մեր յաղթարշաւն ու նուաճումները, նոյնքան եւ մեր ընկրկումներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Իսկ քսանամեակի հաշուեկշռին գլխաւոր եւ առաջնային հարցը, անկասկա՛ծ, նոյնինքն 21 Սեպտեմբեր 1991ի Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէի պատմական մեծ քայլին պատասխանատո՛ւ արժեւորումն է։
Վճռահատումը քաղաքական եւ գաղափարական [...]
September 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան ու ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակը, բնականաբա՛ր, հպարտութեամբ կը համակէ ամէն հայու միտքն ու հոգին։
Քսան տարի պիտի ընէ շուտով, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը թօթափած են խորհրդային 70ամեայ ամբողջատիրութեան դառն ու դաժան լուծը։
Ոչ միայն հայրենի հողի վրայ ապրող հայութիւնը, այլեւ սփիւռս աշխարհի հայրենահան ու հողմացրիւ եղած հայու բեկորները, այս օրերուն, կը վերյիշեն 21 [...]
August 31st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Արտասովոր չէ, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր, տարբեր առիթներով, հայ քաղաքական միտքը կը պարզէ Պետութիւնն ու Իշխանութիւնը իրարու հետ շփոթելու եւ նոյնացնելու խարխափումներ։
August 24th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ամէն անգամ, որ հայ իրականութիւնը տագնապեցնող հիմնական վէրք մը կամ ծանրակշիռ վտանգ մը օրակարգի վրայ կու գայ, քննարկումները անխուսափելիօրէն կը յանգին հանրային կարծիքը սթափ ու զգօն պահելու անհրաժեշտութեան շեշտաւորումին։
Բնականաբար այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ հաւաքական՝ ազգային ու պետական որեւէ բարեկարգումի յաջողութեան համար, նախապայման է իր կարիքներուն, պահանջներուն եւ իրաւունքներուն տէր կանգնող, անոնց ձեռքբերումն [...]
August 17th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 23ին, Ծաղկաձորի մէջ, հայագիտական գիտելիքներու Համահայկական 5րդ Ողիմպիականին մասնակից ուսանողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի նախագահը պերճիմաստ ու թելադրական պատասխան մը տուած էր Արեւմտահայաստանն ու Արարատ Լեռը հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին վերադարձնելու քաղաքական հաւանականութեան վերաբերեալ երիտասարդի մը հարցումին։ Լրատու աղբիւրներու համաձայն՝ Սերժ Սարգսեան պատասխանած էր, թէ իր սերունդը պայքարեցաւ ու կրցաւ հայրենի հող [...]
August 3rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ Ազգային Կոնգրեսը ըստ երեւոյթին գոհ ու երջանիկ է, որ յաջողեցաւ պաշտօնական լուսարձակներու տակ երկխօսութիւն սկսիլ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած իշխանաւոր ճամբարին հետ։
Յայտնապէս գոհ ու երջանիկ կը թուի ըլլալ, իր կարգին, Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութեանց քաղաքական համախմբումը, որովհետեւ յաջողեցաւ իշխանաւորի իր դիրքերէն երկխօսութեան սեղան բերել [...]
July 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Տակաւին քանի մը ամիս առաջ ողջ աշխարհը զարմացնող եւ խանդավառող «Արաբական Գարուն»ը արդէն սպառած կը թուի ըլլալ համընդհանուր հիացմունքի եւ լաւատեսութեան ալիք բարձրացնելու՝ օրինակելի դառնալու իր սկզբնական ներուժն ու գրաւչութիւնը։
Անշուշտ այսօր ալ, ամէնուր, տակաւին կը տիրէ այն համոզումը, որ «Արաբական Գարուն»ը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու բոլոր ժամանակներուն համար ի զօրու ճշմարտութիւնը. թէ՝ ամէն [...]
July 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(Հայեւթուրք Յարաբերութեանց Գորդեան Հանգոյցը)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Եթէ Եւրոպայում մենք մեր սրտում օձ ենք տաքացրել, նոյն յիմարութիւնը մենք չպէտք է կրկնենք Ասիական Թուրքիայում։ Բանականութիւնը թելադրում է ճանապարհից վերացնել այն բոլոր տարրերը, որոնք մի օր մեզ համար կը ներկայացնեն այն նոյն վտանգը, ինչը միջազգային միջամտութեան առիթ կը տայ եւ զէնք կը դառնայ այդ տէրութիւնների ձեռքին։ Հիմա՝ յամենայն դէպս այսօր, [...]
July 13th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Որպէս դրական փոփոխութիւն պէտք է դիտարկել… իշխանութեան համակարգում անձնակենտրոն համակարգից դէպի հաւասարակշռուած զսպումների եւ հակակշիռների մեխանիզմների բազմակողմ համակարգ անցումը, որի դրսեւորումներից էր վերացումը այնպիսի ինստիտուտների, ինչպիսին են նախագահի կողմից պառլամենտը արձակելու բացարձակ իրաւունքը, նախագահի կողմից Արդարադատութեան խորհուրդը ղեկավարելը, կառավարութեան նիստեր հրաւիրելը եւ վարելը, կառավարութեան բոլոր որոշումները ստորագրելը: Այս լիազօրութիւնները այլեւս չկան եւ ի հակակշիռ [...]
July 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Որպէս դրական փոփոխութիւն պէտք է դիտարկել… իշխանութեան համակարգում անձնակենտրոն համակարգից դէպի հաւասարակշռուած զսպումների եւ հակակշիռների մեխանիզմների բազմակողմ համակարգ անցումը, որի դրսեւորումներից էր վերացումը այնպիսի ինստիտուտների, ինչպիսին են նախագահի կողմից պառլամենտը արձակելու բացարձակ իրաւունքը, նախագահի կողմից Արդարադատութեան խորհուրդը ղեկավարելը, կառավարութեան նիստեր հրաւիրելը եւ վարելը, կառավարութեան բոլոր որոշումները ստորագրելը: Այս լիազօրութիւնները այլեւս չկան եւ ի հակակշիռ [...]
July 6th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մինչ մեր միութիւնը կը թեւակոխէ իր գոյութեան երկրորդ դարը, մենք
ՀՄԸՄը կը պատկերացնենք որպէս՝
… Ուժական եւ նորարար կազմակերպութիւն մը, պարզ կառոյցներով եւ ժողովրդավար որոշումներով, ուր կազմակերպութիւն, վարչութիւն եւ հաղորդակցութիւն, ամէն մակարդակի վրայ, կ՛ընթանան հեզասահ կերպով։
ՏԵՍԼԱԿԱՆ ՀՄԸՄԻ – 2020
Հայ ժողովուրդի մերօրեայ վերանորոգումն ու դարու կշռոյթով վերաշխուժացումը լիարժէք կ՛արդիւնաւորուին այն ատեն, երբ ազգային մեր պետականութեամբ եւ հանրային [...]
June 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագրին Ներշնչումով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փաստ է, որ տարիներէ ի վեր հայ քաղաքական միտքը իր օրակարգի հրատապ հարցերու շարքին կը պահէ նոր սերունդի ներգրաւումն ու աշխուժացումը։ Կը փնտռուին ուղիներ՝ նոր սերունդը դուրս բերելու համար իր
ինքնամփոփ եւ ինքնակեդրոն, անտարբեր կամ գործնապաշտ մտածելակերպէն, որպէսզի աւելի յանձնառու, կազմակերպուած եւ հետեւողական մասնակցութիւն բերէ հայ ժողովուրդի եւ վերանկախացեալ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու [...]
June 22nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
(ՀՄԸՄի Ռազմավարական Ծրագրին Ներշնչումով)
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ծանօթ հրապարակագիր Սիւզան Խարտալեան վերջերս քննական լուսարձակի տակ առած էր «Դրամը կը խօսի» երեւոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով, որ ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ մաքուր ձեռքերով կառավարման օրինակով գաղափարական–քաղաքական հիմնական արժէքներու նկատմամբ մտահոգիչ անտարբերութիւն մը սկսած է արմատաւորուիլ մերօրեայ երիտասարդութեան մօտ։
Նիւթական օգուտի կամ անձնական շահի ապահովման սիրոյն գաղափարական արժէքներու վրայէն գիծ քաշելու եւ մինչեւ իսկ [...]
June 15th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Արամ Մանուկեանը մեր ժամանակների հերոսը չի։
…Արամի անունը կրող փողոցի վրայ՝աւերակների վերածուած շէնքերից մէկի պատին, ուր կատուների ու շների հարեւանութեամբ իրենց վերջին օրերն են անցկացնում մի քանի անօթեւաններ, ցուցանակ է փակցուած՝ այդ տանը ապրել է Արամ Մանուկեանը։ Մեկնաբանութիւններն աւելորդ են։ Մնում է հարց տալ՝ ո՞ւմ է ծառայում այս պետութիւնը, ի՞նչ ազդակներ ենք հաղորդում երկու ճակատով [...]
June 1st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.– Ես համաձայն եմ, որ շատ մարդկանց համար Խորհրդային Միութեան փլուզումը դարձաւ ողբերգութիւն, քանի որ նրանք կորցրեցին կեանքի սովորական ռիթմը, թուացեալ բարեկեցութիւնը, ստիպուած էին կտրուկ փոխել իրենց կենսակերպը: Հսկայական ջանքեր պահանջուեցին քաղաքացիների անվտանգութեան ապահովման համար: ԽՍՀՄ փլուզման հետ, այն հակամարտութիւնները եւ խնդիրները, որոնք արդէն գոյութիւն ունէին, վերածուեցին ռազմական գործողութիւնների, պարզ ասած՝ պատերազմի: Միւս [...]
May 25th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի որեւէ յարաբերութիւն Թուրքիայի հետ չի կարող կասկածի տակ դնել հայ ժողովրդի ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման իրողութիւնը: Այն պէտք է ճանաչուի եւ դատապարտուի ողջ առաջադէմ մարդկութեան կողմից:
Հ.Հ. ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հաշտեցումը կարող է սկսուել այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ճանաչի Ցեղասպանութիւնը: Առանց ճանաչման՝ չի կարող լինել հաշտեցում: Սխալւում են նրանք, ովքեր փորձում են Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման [...]
May 18th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Կապոյտ պաստառէն Մայիս 10ին հազիւ հաղորդուեցաւ, թէ այս տարի Հայաստանը ներկայացնող երգչուհին՝ Էմմի դուրս մնացած է EuroVision երաժշտական մրցաշարքէն ու Հայաստանը, իր մասնակցութեան օրէն ասդին առաջին անգամ ըլլալով, պիտի չփայլի միջազգային այդ փառատօնի եզրափակիչ փուլին, համացանցի հայ հետեւորդներուն մօտ անմիջապէս ծայր առաւ թեր ու դէմ կարծիքներու հրապարակային բուռն բանավէճը։
Տարակարծութիւնները միայն Հայաստանը ներկայացնող այս տարուան [...]
May 11th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Այսօր մենք ունենք ուժեղ իշխանութիւն, այսօր մենք ունենք ընդդիմութիւն, որը թոյլ չի տալիս իշխանութիւններին իրենց զգօնութիւնը թուլացնել, եւ համագործակցելով՝ մենք կարող ենք իրօք մեր երկրի համար ապահովել լուրջ յաջողութիւններ։
May 4th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Երիտասարդութի՜ւնը – գաղափարական շարժումներու եւ բոլոր ռիսքոտ ձեռնարկներու յառաջապահ դրօշակակիրը։
Երիտասարդութի՜ւնը – խանդավառութեան եւ հերոսական անձնազոհութեան, յոյսի, հաւատի եւ բոլոր ազնիւ կիրքերու մարմնացումը։
Երիտասարդութի՜ւնը – բռնակալական զնդաններու եւ կախաղաններու մշտնջենաւոր ողջակէզը, ազատութեան հրդեհի յաւիտենական վառելանիւթը։
Միքայէլ Վարանդեան
«Դրօշակ», Նոյեմբեր–Դեկտեմբեր 1930
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին վրայէն ահա 96րդ տարին ալ անցաւ… առանց որ հայասպան պետութիւնը [...]
April 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ժամանակն է արդէն անդրադառնալու եւ խոստովանելու, որ մեր սերունդը գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ համակերպած է Ապրիլ 24ի քաղաքական իմաստն ու պատգամը վերանայելու ընդհանուր ճնշումի մը։
Խօսքը կը վերաբերի էապէս արտաքին ուժերու կողմէ կիրարկուող՝ հայեւթուրք երկխօսութեան ու մերձեցման նոր էջ մը բանալու ճնշումի քաղաքականութեան, որուն այս կամ այն չափով եւ եղանակով հարկատու կը դառնան նաեւ վերանկախացեալ Հայաստանի պետական իշխանութիւնները, քաղաքական ի՛նչ ուժ որ ալ կանգնած ըլլայ պաշտօնական Երեւանի ղեկին։
April 20th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
16 Մարտ 1921ին կնքուած Մոսկուայի Դաշնագրին վերաբերեալ, համացանցի վրայ նիւթերու որոնման ընթացքին, պատահականօրէն յայտնուեցաւ հետեւեալ ուշագրաւ խորագրով հրապարակում մը.
«Մոսկվայի պայմանագիր. ռուս-թուրքական այսպես կոչված «խայտառակ» գործարքի մասին»։
April 13th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Նախ մամլոյ աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրին լուրը, ապա Թուրքիոյ վարիչները հաստատեցին, թէ հայկական ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մը՝ Տարօն Աճեմօղլու իր երկրին դեսպանը նշանակուած է Ֆրանսայի մօտ։
March 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Երբեմն իսկապէս խղճալի վիճակներու կը մատնուին ձախողած այն պատմաբանները, որոնք իրենց օրուան հացը ապահովելու համար ստանձնած են պատմութիւնը «մաքրագործելու» պարտականութիւնը, այս կամ այն երկրին վարկը բարելաւելու նպատակով:
March 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Կասկածէ վեր է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը թեւակոխած է ներ–քաղաքական բախտորոշ խմորումներու ծանրակշիռ փուլը։
March 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Միամիտ ու կարճատես են բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը խորհին, կը հաւատան եւ կ՛ուզեն հաւատացնել, որ Հայաստանի մէջ չեն կրնար պատահիլ հասարակական պոռթկումի այնպիսի՛ դրսեւորումներ, ինչպիսիք ամբողջ տարածաշրջանը վերածած են քաղաքական Ցունամիի շղթայազերծման… պայթիւնավտանգ վառօդի տակառի։
March 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ինչպէս հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ բառապաշարին նորամուծութիւններէն շատեր, նոյնպէս եւ «Պետական Այր»ը յաճախակի կը քաշքշուի առասպելի եւ իրականութեան միջեւ։
Խօսքը կը վերաբերի «Պետական Գործի»չ դրոյթին, որ չես գիտեր ինչո՛ւ եւ առաջին անգամ որո՛ւն կողմէ այսպէս՝ սեռերու միջեւ խտրականութեան գիտակցական թէ ենթագիտակցական ներշնչումով, Հայաստանի մէջ կնքուեցաւ… «Պետական Այր»։
March 9th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայաստանի իշխանաւոր ճամբարի ղեկավարներէն Գալուստ Սահակեանը, որ հայրենի ներ–քաղաքական դաշտէն ներս «հին ոսկոր»ի համբաւ ունի, շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, երբ այս օրերուն կը յոխորտայ, որ՝
«Համագործակցութեան մասին կոալիցիոն նոր յուշագիրը, գալիք խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնների հետ կապուած, խանդ է առաջացրել միւս քաղաքական ուժերի մօտ. եւ նրանք, ի զուր խանդելու փոխարէն, աւելի լաւ կը լինէր, որ կոալիցիայից օրինակ վերցնէին: …Ես կարծում եմ, որ հայաստանեան ընդդիմութիւնը պէտք է օրինակ վերցնի իշխող քաղաքական ուժերից եւ համախմբուի: Քանի որ առանձին գործելով եւ միմեանց քննադատելով՝ ընդդիմադիր ուժերը յաջողութեան չեն հասնի: Կոալիցիայի օրինակը պէտք է նրանց համար ուսանելի լինի»…
Ի՜նչ հեգնանք. ուրեմն՝ ընդդիմադրութիւնը պէտք է պարտական ալ զգայ իշխանաւոր «կոալիցիային», որ այս աստիճան հոգածու եւ մտահոգ կը թուի ըլլալ «ընդդիմադիր ուժերի յաջողութեան» չհասնելու… հեռանկարով։
Հապա՞ քաղաքական կրտումն ու ներքինիացումը կոալիցիայի անդամ ստորադաս գործընկերներուն, որոնք Փետրուար 18ի յուշագրով կարգի հրաւիրուեցան գործող ՀՀ նախագահին կողմէ եւ ստիպուեցան խոնարհիլ… «պետութիւնը ես եմ» յայտարարող իշխանութեանց Թիւ Մէկի «Հանրապետական» ուժի ցուցադրութեան առջեւ։
March 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայաստանի ներ–քաղաքական դաշտին վրայ եւ իշխանաւոր ճամբարէն ներս վերջին օրերուն արձանագրուած խմորումները յղի են, անկասկա՛ծ, ոչ միայն մեր երկրի ներքին կայունութեան, այլեւ արտաքին ճակատի մեր հաւաքական դիմադրականութեան ու քաղաքական դիրքերուն սպառնացող ծանրակշիռ անդրադարձներով։
February 23rd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Յատկանշականօրէն Հայաստանի վերանկախացման քսանամեակին կը զուգադիպի Հայկական Սփիւռքը ընտրովի ներկայացուցչութեամբ՝ համազգային կառոյցով ու ղեկավարութեամբ օժտելու գաղափարին մերօրեայ վերարծարծումը, նորովի շեշտելով արտերկրի հայութեան ընտրողական ինքնակազմակերպումը իբրեւ համազգային առաջնահերթ մարտահրաւէր դիմագրաւելու հրամայականը։
February 16th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Աւելի քան բնական ու սպասելի էր, մինչեւ իսկ անհրաժեշտութիւն էր այն արագ եւ տարածուն արձագանգը, որուն արժանացաւ ՀՀ Սահմանադրութեան բարեփոխման ճամբով երկպալատ Ազգային Ժողով ստեղծելու Հայաստանի Սփիւռքի նախարարին նոր առաջադրանքը։
February 9th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայոց Ազգային Բանակին 19րդ տարեդարձը, որ Յունուար 28ին մեծ շուքով տօնուեցաւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ արտասահմանի տարածքին, իր առթած արդար հպարտութեան կողքին արթնցուց նաեւ տխուր յիշողութիւններ՝ իր անկախութիւնը վերականգնած մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին ազգային–պետական մտածողութիւնը հունաւորելու եւ ամրապնդելու հրամայականին վերաբերեալ։
February 2nd, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ամէնէն հրատապ հարցը դիմագրաւումն է գաղափարախօսական եւ քաղաքական այն չարաշահումներուն, որոնք աջէն թէ ձախէն կը կատարուին այսպէս կոչուած «պետական մտածողութեան» անունով։
January 26th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին հայ քաղաքական միտքը անհարկի կը բորբոքէ ինքնակոչ «պետական մտածողութեան»… զառանցանքներուն հետեւանքով։
January 19th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայ-թուրքական արձանագրութիւնների քննադատութեան հարցում Կոնգրեսի պասիվութեան կամ անսկզբունքայնութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնն, արդ, բխում է վերջինիս դիրքորոշումը հայդատականների աւելի սուր ու արմատական թուացող դիրքորոշման հետ համեմատութեան մէջ դնելու խաբուսիկ հանգամանքից։
January 12th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մենք պիտի կարողանանք… ընդհանրապէս լինել շրջահայեացութեան, մարդասիրութեան եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան ջատագովները մեր երկրում: Մենք պիտի կարողանանք յորդորել՝ բակային քննարկումներում, թէ քաղաքական բանավէճերում, ձեռնպահ մնալ որեւէ անձի, նաեւ միմյանց, անձնական վիրաւորանքներ հասցնելուց. փորձել քննութեան առնել իրողութիւնները, ոչ թէ՝ մարդկանց: Չէ՞ որ ի վերջոյ մեր խնդիրը ոչ թէ դատելն է, այլ լուծումներ գտնելը. մեր նպատակը ոչ թէ միմյանց վանելն է, այլ յանուն դրական փոփոխութիւնների միմեանց գտ-նելը։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ (ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀ)
January 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մենք պիտի կարողանանք… ընդհանրապէս լինել շրջահայեացութեան, մարդասիրութեան եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան ջատագովները մեր երկրում: Մենք պիտի կարողանանք յորդորել՝ բակային քննարկումներում, թէ քաղաքական բանավէճերում, ձեռնպահ մնալ որեւէ անձի, նաեւ միմյանց, անձնական վիրաւորանքներ հասցնելուց. փորձել քննութեան առնել իրողութիւնները, ոչ թէ՝ մարդկանց: Չէ՞ որ ի վերջոյ մեր խնդիրը ոչ թէ դատելն է, այլ լուծումներ գտնելը. մեր նպատակը ոչ թէ միմյանց վանելն է, այլ յանուն դրական փոփոխութիւնների միմեանց գտ-նելը։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ (ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀ)
January 7th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Զարմանալի չէ, որ աշխարհի քրիստոնեայ ժողովուրդներու շարքին բացառութիւն կազմելու գնով՝ հայ ժողովուրդը Յունուար 6ին կը տօնէ Աստուածորդու Սուրբ Ծնունդը, մինչ Քրիստոնեայ մարդկութիւնը ընդհանրապէս Դեկտեմբեր 25ին կ՛աւետէ աստուածայայտնութիւնը Յիսուս Քրիստոսի։
January 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Զարմանալի չէ, որ աշխարհի քրիստոնեայ ժողովուրդներու շարքին բացառութիւն կազմելու գնով՝ հայ ժողովուրդը Յունուար 6ին կը տօնէ Աստուածորդու Սուրբ Ծնունդը, մինչ Քրիստոնեայ մարդկութիւնը ընդհանրապէս Դեկտեմբեր 25ին կ՛աւետէ աստուածայայտնութիւնը Յիսուս Քրիստոսի։
January 5th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Եթէ մենք ունենք ազգային իմաստութիւն, հոգու արիութիւն եւ առողջ բնազդներ, անկարելի է աչքներս փակենք մեր էս ծանր հիւանդութեան առաջ եւ չզգանք, որ մեր հոգին շատ է դառնացած, մեր ներքին մարդը շատ է փչացած. եւ դրա դէմ կռուելու, առողջանալու առաջին պայմանը էն է, որ մենք ե՛ւ մեր սրտերում, ե՛ւ աշխարհքի առաջ անկեղծ խոստովանենք ու ճանաչենք մեր դժբախտութիւնը։ Ապա էդ փրկարար գիտակցութեանը կը հետեւեն ինքնակատարելագործութեան բարձր ցանկութիւնն ու ազնիւ գործը։ Ուրիշ ճանապարհ չկայ, ներսից է լինելու հաստատ փրկութիւնը, որովհետեւ ներսից ենք փչացած»։
Յովհաննէս Թումանեան
December 29th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մեր օրերու քաղաքական աշխարհի մեծագոյն առեղծուածը դարձած է կառավարման համակարգերու փտածութիւնը կամ, ինչպէս որ ընդհանրացած է ըսել, խաթարուածութիւնը (corruption-ը, ինչպէս որ զայն կ՛անուանեն՝ քաղաքական այս հիւանդութեան դէմ առաջին ահազանգը հնչեցնող ամերիկացիները, կամ՝ կոռուպցիան, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ «հայացուած» է… բառեզրը)։
December 22nd, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայ քաղաքական միտքը միշտ ալ դիմագրաւած է յանուն «իրապաշտութեան» կամ «իրատեսութեան» իր երթը խանգարող, նոյնիսկ արգելակող որոգայթները յաղթահարելու հրամայականը։
Ամէն անգամ, որ իր ամբողջական ազատագրութեան հասնելու եւ բազմակողմանի զարգացման կռուանները ամրապնդելու ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը նորովի շղթայազերծած է պայքարի իր ոգին, քաղաքական «իրատեսութեան» եւ «իրապաշտութեան» անունով հրապարակ իջած են տիրող պայմաններուն համահունչ շարժելու «համակերպումին» քարոզիչները, մեր կեանքը իբր թէ «արկածախնդրութենէ» հեռու պահելու «խոհեմութեան» մարգարէները։
December 15th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հակառակ անոր, որ աւելի քան քսան տարիներ անցած են արդէն Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, այսուհանդերձ՝ հայ քաղաքական մտքի հայրենական զարթօնքը կը շարունակէ պատանդ մնալ «մանկունակ» դեգերումներու եւ խարխափումներու շրջափուլին։
December 8th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
1988ին շղթայազերծուած «Ղարաբաղեան Շարժման» առաջին իսկ պոռթկումներէն լսելի էին արձագանգները գաղափարախօսական խմորումի մը, որ այսօր արդէն աւարտուն տեսք ստացած է եւ իբրեւ իշխող հոսանք՝ պետական ու պաշտօնական հանդիսաւորութեամբ շքերթ կը կատարէ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։
December 1st, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայ Դատի Իրաւատիրութեան Պիտի Յանգի՞ն Ուիլսընի Իրաւարար Վճռին «Գիտական Ուսումնասիրութիւնն Ու Վերլուծութիւնը»
November 24th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Մեծ երկիր տանող ճանապարհը գալիս է փոքրիկ Հայաստանի հզօրացումով։ …Պէտք է կարողանանք հզօրացնել մեր երկիրը։ Իսկ պատմական հայրենիքը ոչ միայն տարածք է, այլեւ հոգեւոր սնունդ։ Եւ ազգի ամբողջական, ներդաշնակ կեանքը ապահովելու համար, անպայման պէտք է վերագտնենք մեր հայրենիքը»։
November 17th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Թուրքիայի պետական մարդիկը շատ լաւ են հասկացել… հանգամանքները. «բաժանեա՛, զի տիրեսցէ» – ահա՛ նրանց դեւիզը (հնարքը-Խմբ.): Մեզանից ամէն մէկն առհասարակ խիստ արհամարհական կարծիք ունի Թուրքիայի պետական մարդերի վրայ.– Նրանք թէեւ հանճարներ չեն, նրանք թէեւ մի–մի երեւելի աւազակներ են… Բայց խորամանկութեան մէջ, դիւանագիտական խաբէութեան մէջ եւ ընդհանրապէս մակիավելլիզմի մէջ անհամեմատ շնորհալի են։
November 3rd, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Հայերը, յոյները եւ կաթոլիկները աղօթք պէտք է ընեն Աստուծոյ, որ Սուլթանը Կ. Պոլիս մնայ, որովհետեւ եթէ նա Ասիա անցնի, այսինքն՝ եթէ Եւրոպական Թուրքիան բոլորովին կորսնցնէ, այն ժամանակ անոր ատելութիւնը պիտի ծանրանայ Ասիոյ քրիստոնեաներուն վրայ»…
October 27th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայաստանի նախագահը քանի մը օր առաջ հաճելի անակնկալ մատուցանեց մեր ժողովուրդին, երբ հայ մամուլի եւ լրատուամիջոցներու «Համահայկական խորհրդաժողով»ին մասնակիցները ընդունելով եւ ողջոյնի խօսք ուղղելով անոնց՝ պաշտօնապէս մերկացումը կատարեց Ատրպէյճանի կողմէ պետականօրէն դրսեւորուող ու քարոզչականօրէն ծաւալող հակահայ ֆաշիզմին։
October 20th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն չի բաւարարեր ստախօսութիւնը պարզապէս նախարարական մակարդակով կատարելը: Արդարեւ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ վերջերս զետեղուած այն սուտ պնդումէն ետք, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատողները չեն հետապնդուիր երկրի արդարադատութեան համակարգին կողմէ, նոր սուտ մը եկաւ նախագահէն:
October 20th, 2010
| Posted in Օրուան Մտածումը | Read More »
Ուշադրութենէ չի կրնար վրիպիլ, որ վերջին տարիներուն Ատրպէյճան ու Թուրքիա, ուժերու եւ հնարաւորութեանց առաւելագոյն լարումով ու ակնբախ համակարգումով, թափ տուած են Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Արցախեան պահանջատիրութեան դէմ քարոզչական ծաւալուն պատերազմին։
October 13th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մարդոց առաջնորդելու համար, քալէ անոնց հետ… Լաւագոյն ղեկավարները անո՛նք են, որոնց գոյութիւնը չեն նկատեր մարդիկ։ Յաջորդ լաւագոյնները անոնք են, որոնց մարդիկ կը պատուեն ու կը մեծարեն։ Յաջորդ լաւագոյններէն մարդիկ կը վախնան, իսկ ասոնց յաջորդող լաւագոյններուն մարդիկ կ՛ատեն…
October 6th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Լուսը բացուեց, բարին բացուեց,
Հօ, եզօ ջան, հորովել, հօ, եզօ ջան,
Քաշիր, քաշիր, ուսիդ մատաղ,
Հորի լորի, լորօ,
լորի լորի հորովել, հօ,
Վար-վար արա, ակօս արա,
եզօ ջան, ախպէր ջան,
Ցորենն ինծի, դարմանը՝ քեզ,
եզօ ջան, ախպէր ջան…
September 29th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մեր դատը վաղուց է հայերիս համար սոսկալի մի վէրքի նշանակութիւն ստացել։ Շնորհիւ թուրք կառավարութեան կատարեալ կուրութեան՝ նա նոյն վէրքի նշանակութիւնն է ստացել Թուրքիայի համար եւս։ Թէ՛ մենք եւ թէ Թուրքիան ընտրել ենք այդ վէրքի դէմ ՎԻՐԱԲՈՒԺԱԿԱՆ միջոց
September 22nd, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Սկսելով մեր կռիւը Կովկասում, մենք մեզ աւելի բարեյաջող պայմանների մէջ էինք համարում։ Ոչ թէ այլ եւ այլ հաշիւներ չունէինք մեր դրացիների հետ, չէ, բայց այն հանգամանքը, որ կովկասեան ցեղերի մէջ աւելի գիտակցութիւն կայ, քան Թիւրքիայում, որ բոլորն էլ անխտիր զգում են իրենց
September 15th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Այն պիտի չլինի մեր դպրոցը, ինչ որ է այսօր: Շեշտուած նպատակը, ջերմութիւնը, հոգին է պակասում մեր արդի դպրոցին: Նա չէ, բայց պիտի լինի հայրենագիտութեան ամբիոն, տաճար:
September 8th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ողջունելի շատ բան արձանագրուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին շաբաթ մը առաջ Հայաստան կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին։
August 25th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Բոլոր անոնք, որոնք թերահաւատութեամբ կը հետեւին նորահաս սերունդի քայլերուն եւ սրտցաւութեամբ կ՛աւաղեն, որ անտարբերութիւնն ու ինքնակեդրոնութիւնը բոյն դրած են մեր երիտասարդներու մեծ մասին մէջ՝ ապաքաղաքականացման ու սպառողական ընկերութեան աշխարհաքաղաքացիական հարթիչ գլանին տակ ճզմելով նորերը, լաւ կ՛ընեն ու ճի՛շդ կ՛ընեն, եթէ իրենց անմիջական տպաւորութիւններէն անդին սեւեռին եւ աւելի ուշադիր նային իրականութեան… վերջնական եզրակացութիւններ հանելէ առաջ։
August 18th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Միջազգային հանրութեան կողմէ վերջերս կատարուած Քոսովոյի անկախութեան իրաւական ճանաչումը, հասկնալիօրէն, լայն արձագանգի եւ բուռն քննարկումներու առիթ դարձաւ հայ քաղաքական մտքի տարբեր թեւերուն համար։
August 11th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին՝ ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտանիք կ՛ըլլայ: Առանց մայր հողին, առանց ազգին, որեւէ ընտանիք գոյութիւն չ՛ունենար։
ԱՐԱ ՔԸՐՃԸԼԵԱՆ
July 28th, 2010
| Posted in Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Անառարկելիօրէն կ՛ապրինք ազգային մեր յիշողութեան վերականգնումի նշանակալից ժամանակաշրջանը։
Նոր դարաշրջան թեւակոխած Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի այսօրուան ու վաղուան ուղին գաղափարականօրէն լուսաւորելու, այլեւ հունաւորելու կենսունակ շարժում մը, ամէնո՛ւր, համակած է հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքները։
July 21st, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Ցեղակրօն շարժումը ոչ թէ կուսակցութիւն է, այլ ուխտ։ Նրա կազմակերպութիւններն այդպէս էլ կոչւում են՝ Ուխտեր։ Ով այս կամ այն չափ ծանօթ է Հայոց Պատմութեանը, անմիջապէս կը հասկանայ, որ Ցեղակրօն շարժումը որպէս ուխտ նման է Մամիկոնէից ասպետների Ուխտին. Մամիկոնեանների պէս ցեղակրօնը դաւանում է ազգին անշահախնդիր նուիրուածութիւն եւ յանուն Հայրենիքի մահը քաջաբար ընդունելու վճռականութիւն։
July 14th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«…Բայց ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ոյժն է»։
July 7th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Մեր տգէտ եւ վատասերած կեանքին մէջ աղաւաղուել է քաղաքական կռուի գաղափարը, կռուի շիտակութեան սկզբունքը»
June 30th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ամէն անգամ, որ տագնապի կամ վտանգի ուղտը կը չոքի մեր Ազգի եւ Հայրենիքի դրան առջեւ, հայ ամբոխային տրամաբանութիւնը ընդհանրապէս իրար կ՛անցնի եւ նոր կը սկսի քննելու, թէ մեր ո՞ր սխալին կամ անտեսումին հետեւանքով յայտնուած ենք նման ճգնաժամի մէջ։
June 23rd, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Անցեալ շաբաթավերջին, Յունիսի 11էն 12, Երեւան դարձաւ հաւաքավայրը Ընկերվար Միջազգայնականի տարածաշրջանային յանձնախումբերէն՝ ԱՊՀ երկիրներու, Կովկասի եւ Սեւ–ծովեան պետութիւններու Յանձնաժողովին հերթական հանդիպման։
June 16th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Միջ–կուսակցական պայքարներու «շիտակութեան» սկզբունքին յարգումն ու պահպանումը մաս կը կազմեն ժողովրդավարական հիմնական արժէքներու համակարգին
June 9th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Մայիս 28ի տարեդարձ մըն ալ, 92րդը, արդէն անցեալ ու պատմութիւն դարձաւ։
June 2nd, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան էջերուն դժուար է գտնել 28 Մայիս 1918ի տարողութեամբ՝ ազգային–քաղաքական արժէքով եւ պատմական–գաղափարական նշանակութեամբ երկրորդ թուական մը, որ միաժամանակ թէ՛ խորհրդանշէ «հրաշափառ յարութիւն»ն
May 27th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հայ ազգային–քաղաքական մերօրեայ հրապարակումներու ամէնէն արդիական նորամուծութիւնը այսպէս կոչուած «կարծրատիպերը կոտրելու»… նորաձեւութիւնը՝ մո՜տան է։
May 19th, 2010
| Posted in Օրուան Մտածումը | Read More »
«Իրատեսութիւն»ը, կախարդական բառի մը պէս, միշտ ալ օգտագործուած՝ քաշքշուած ու չարչրկուած է հայ քաղաքական մտքի այն հոսանքներուն կողմէ, որոնց համար պատեհապաշտութիւնը, յարմարուողականութիւնն ու համակերպումը աւետարանի գերագոյն պատգամ եւ անփոխարինելի իմաստութիւն… եղած են։
May 12th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
8 Մայիսը պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց յուշատետրին մէջ 1992ին, երբ Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն ռազմական բացառիկ սխրանքով։
May 7th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Համացանցային եւ ընդհանրապէս հեռահաղորդակցական կապերու՝ միջոցներու եւ հնարաւորութեանց կատարելագործման հետ, հայ մտքի եւ գաղափարի անդաստանը եւս իւրայատուկ ծաղկում մը կ՛ապրի մեր օրերուն։
May 5th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ներկայ տասնամեակի սկզբնաւորութեան եւ յատկանշականօրէն 21րդ դարու առաջին տարիներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն արտաքին քաղաքականութիւնը դիւանագիտական արտասովոր նախաձեռնութիւն մը ճամբայ հանեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ։
April 28th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Կ՛ըսեն եւ իրաւացի են ըսողները, որ դիւանագիտութեան այբուբենը կը խտանայ ամէնէն անընդունելի քաղաքականութիւնն անգամ սուտով ու կեղծիքով դիմայարդարելու, իբրեւ իրաւացի ու արդարացի քաղաքականութիւն ներկայացնելու եւ համոզկեր դարձնելու ընդունակութեան մէջ։
April 14th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Զարմանալի չէ, որ թուրք պետական ղեկավարութիւնը յանկարծ սկսած է խանդավառութիւն դրսեւորել սփիւռքահայերուն հետ «երկխօսութեան» ձեռնարկելու ճակատին վրայ։
April 7th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Բառերն ու գաղափարներն ալ հատու զէնք են. երբեմն կրնան աւելի ազդու ըլլալ եւ խորագոյն հարուած հասցնել, քան ամէնէն մահացու նկատուած նիւթեղէն զէնքերը իրենք։
March 31st, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
«Հայ ժողովուրդը այն համոզումը ունի, որ հայեւթուրք երկխօսութիւնը անխուսափելի պահանջ է հայեւթուրք տագնապի լուծման ի խնդիր. սակայն այդ երկխօսութիւնը տեղի պէտք է ունենայ ըստ էութեա՛ն եւ ոչ թէ լոկ ըստ ձեւի, միջազգային հանրային կարծիքի աչքին փոշի փչելու եւ լուսանցքային խնդիրներու քննարկման մէջ թաղելու համար առանցքային հարցը՝ Հայ Դատը, այն ալ դեռ հայ մարդոց միջոցաւ»։
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ, 1980
March 24th, 2010
| Posted in Խմբագրական, Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »