Home » Նամակ ԵրկրէնYou are browsing entries filed in “Նամակ Երկրէն”

Վեց Ժամ Արարատ

Վեց Ժամ Արարատ

Ընթերցողները յիշեցնեմ, որ անցեալ շաբթուան նամակիս նիւթը տուպայաբնակ, Սուրիոյ քաղաքացի Սարգիսին եւ իր կնոջ մասին էր, որոնք Պէյրութ-Երեւան թռիչքով հասած էին «Զուարթնոց» օդակայան, սակայն մեծ եղած էր անոնց յուսախաբութիւնը, երբ օդակայանին մէջ վիզա չէին կրցած ստանալ։ Սուրիոյ քաղաքացիները Հայաստանի վիզան պէտք է ստանան իրենց երկրի հայկական դեսպանատուներէն, ըսած էին Սարգիսին ու կնոջ եւ զանոնք տարած «թրանզիթ» բաժին, որպէսզի անոնք յաջորդ թռիչքով, երեք օր ետք, վերադառնան Հալէպ: Շաբաթ օր, առտու կանուխ, Սարգիս հեռաձայնած էր ինծի՝ օգնութեան խնդրանքով: «Մեզի այստեղէն դուրս հանէ, երեք օր ինչպէ՞ս դիմանանք: Ճնշումս արդէն սկսաւ բարձրանալու», ազդարարած էր Սարգիս:

February 18th, 2011

| Posted in Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Առաջին Քա՞յլ

Առաջին Քա՞յլ

Հայրենիքէն ուղարկած վերջին նամակիս նիւթը, եթէ ընթերցողները կը յիշեն, Հայաստանի ոստիկանութեան մասին էր։ Ապրիլ 13ին, գողութեան մեղադրանքով Չարենցաւան քաղաքի ոստիկանատուն բերուած 24ամեայ երիտասարդ մը՝

May 7th, 2010

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

«Ինձ Մի՛ Փնտռիր, Ոստիկան»

«Ինձ Մի՛ Փնտռիր, Ոստիկան»

Ապրիլ 16ին, Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս նշուեցաւ Ոոստիկանի տօնը։ Այդ օր Հայաստանի ամբողջ տարածքին, հայ ոստիկանները տօնական համազգեստներ հագած՝ մասնակից եղան բազմաթիւ հանդէսներու եւ այլեւայլ միջոցառումներու։

May 7th, 2010

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՕՄ-Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ԲԵԼԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՕՄ-Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ԲԵԼԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀՕՄը Արցախի Մէջ
«ԱՊԱՌԱԺ».- Ինչպիսի՞նն է Հօմ-ի գործունէութիւնն Արցախում եւ ի՞նչ ծրագրեր են իրագործւում այդ շրջանակներում:

May 6th, 2010

| Posted in Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Սփիւռքի Նախարարութիւն Եւ Արեւմտահայերէնի Անգրագիտութիւն

Սփիւռքի Նախարարութիւն Եւ Արեւմտահայերէնի Անգրագիտութիւն

Շուրջ երկու տարի առաջ ստեղծուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական բազմազբաղ կը թուի ըլլալ: Եթէ հայրենի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներով հաղորդուած տեղեկութիւններուն հետեւած էք, պիտի տեսնէք, որ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը երկու տարուան ընթացքին կրցած է լուրջ իրագործումներու հասնիլ:

April 13th, 2010

| Posted in Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Արտագաղթ

Արտագաղթ

Անցնող քանի մը ամիսներուն շարունակական ճամբորդութիւններու պատճառով ընդհատուեցաւ Հայաստանէն ուղարկած նամակներուս շարքը։ Այսուհետեւ, սակայն, պիտի փորձեմ կարելի եղածին չափ հետեւողական ըլլալ եւ գրել հայրենի իրադարձութիւններուն եւ մեր կեանքի առօրեայ անցուդարձերուն մասին։

April 6th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Ախտաճանաչումը Ճիշդ, Դեղատոմսը՝ Թերի

Ախտաճանաչումը Ճիշդ, Դեղատոմսը՝ Թերի

Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն, Հայաստանի տնտեսութեան անկումը Հոկտեմբեր–Նոյեմբեր ամիսներուն եղած է 16 առ հարիւր

December 22nd, 2009

| Posted in Յօդուածներ, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Ամանորի Նախօրեակին

Ամանորի Նախօրեակին

Այս օրերուն արտասովոր երուզեռ մը սկսած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն՝ գիւղերէն ու քաղաքներէն հազարաւոր մարդիկ մայրաքաղաք կու գան, մեծաքանակ ու փոքրաքանակ ապրանք, ուտեստեղէն եւ նուէրներ գնելու։ Բոլորն ալ այս օրերուն մոռցած են ընկերատնտեսական ու քաղաքական հարցերը եւ կլանուած են ամանորի նախապատրաստական աշխատանքներով։

December 15th, 2009

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Հայաստանի Թշնամիները (2)

Հայաստանի Թշնամիները (2)

Ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ անցեալ շաբթուան նամակիս նիւթը Լիբանանցի Ֆատիին պատմութիւնն էր, որ մնացած էր կիսաւարտ

December 1st, 2009

| Posted in Հայաշխարհ, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Հայաստանի Թշնամիները

Հայաստանի Թշնամիները

Հիմա արդէն խո~ր աշունը իր տիրական ներկայութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ եւ մարդիկ կը պատրաստուին Ամանորին եւ ձմրան։ Շուկաները սկսած են խճողուիլ հազար ու մէկ գնումներու ելած քաղաքացիներով։

November 24th, 2009

| Posted in Հայաշխարհ, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Նոր Բնակարանը

Նոր Բնակարանը

Թորոնթոյէն վերջերս Երեւան ժամանած ընկերս՝ Ստեփանը, շուրջ տարի մը առաջ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ կառուցուող շէնքերէն յարկաբաժին մը գնած էր

November 13th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Հարցումներ

Հարցումներ

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններու ստորագրումը մեծ ուշադրութեան արժանացաւ միջազգային մամուլին կողմէ

October 27th, 2009

| Posted in Յօդուածներ, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Երեք Տարեկան Արամը, 2791 Տարեկան Երեւանը Եւ Հայ–Թրքական Արձանագրութիւնները

Երեք Տարեկան Արամը,  2791 Տարեկան Երեւանը Եւ Հայ–Թրքական Արձանագրութիւնները

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերը կրտսեր տղուս՝ Արամի ծննդեան երրորդ տարեդարձի օրն էր։ Վաղուց որոշած էինք ընկերներով ու հարազատներով հաւաքուիլ Երեւանի մանկական սրճարաններէն մէկուն մէջ

October 27th, 2009

| Posted in Հայաշխարհ, Յօդուածներ, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

HIV/AIDS-ի Հարցերը Հայաստանի Մէջ

HIV/AIDS-ի Հարցերը Հայաստանի Մէջ

Վաղուց խոստացած էի այս սիւնակով անդրադառնալ Հայաստանի մէջ HIV/AIDS-ի հարցերուն։ Ընթերցողները թող ներողամիտ ըլլան խոստումիս տէր չկանգնելուն համար։ Վերջերս, սակայն, գործիս բերումով, այցելեցի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան ՁԻԱՀի (AIDS) Կանխարգիլման հանրապետական կեդրոն եւ տեսակցութիւն մը ունեցայ կեդրոնի տնօրէն, փրոֆ. Սամուէլ Գրիգորեանի հետ։ Մեր տեսակցութիւնը աւարտեցաւ հարցազրոյցով մը, զոր կ՛ուղարկեմ այս գրութեան հետ եւ վստահ եմ, որ [...]

June 16th, 2009

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան, Նամակ Երկրէն, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ընտրութիւններէն Առաջ Ու Վերջ

Ընտրութիւններէն Առաջ Ու Վերջ

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները աւարտեցան իշխող կուսակցութեան «փայլուն» յաղթանակով

June 2nd, 2009

| Posted in Յօդուածներ, Նամակ Երկրէն | Read More »

Յոյսը՝ Լաւ Մարդիկն Են

Յոյսը՝ Լաւ Մարդիկն Են

Քանի մը օր առաջ խումբ մը ընկերներով, Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ նստած՝ կը զրուցէինք Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու դժուարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին

May 26th, 2009

| Posted in Լուրեր, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Այր Մի, Որի Աչքերում Դաջուած Է Հայոց Պատմութիւնը

Այր Մի, Որի Աչքերում Դաջուած Է Հայոց Պատմութիւնը

Շառլ Ազնաւուրի այցը Ղարաբաղ կարելի է համեմատել համաժողովրդական տօնի հետ: Յամենայն դէպս, Կիրակի օրը Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակում բազմահազար

May 19th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

Կալուած Գնելու Ժամանակը

Կալուած Գնելու Ժամանակը

Հաւանաբար շատերու զարմանք պիտի պատճառէ այս գրութեան խորագիրը։ Արդարեւ, շատեր հարց պիտի տան

May 12th, 2009

| Posted in Յօդուածներ, Նամակ Երկրէն | Read More »

Ելի՛ր Դաշնակ Դրօ

Ելի՛ր Դաշնակ Դրօ

Քանի մը օր առաջ պաշտօնապէս սկսաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը։ Հայաստանի մայրաքաղաքի բնակիչները

May 5th, 2009

| Posted in Յօդուածներ, Նամակ Երկրէն, Սիւնակներ | Read More »

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ»

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ»

Քո հայրենիքը Հայաստանն է նոր,
Ուր ամուլ ժայռն էլ ծաղիկ է ծնում,
Ուր թաղուած Մեսրոպ Մաշտոցն ամէն օր
Ինձնով քո բախտի մասին է հարցնում:
Յ. ՇԻՐԱԶ
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
Սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ պատանիներ միշտ երազած են սեփական աչքերով տեսնել իրենց հայրենիքը, որուն մասին լսած եւ կարդացած են միայն։ Ահա կարծես եկած է պահը, որ Սփիռքը իր հոգատար թեւերուն [...]

March 24th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

«Սեւ Երեքշաբթի»էն Մինչեւ Մարտ 8՝ Վարդահեղեղ Կիրակի

«Սեւ Երեքշաբթի»էն Մինչեւ Մարտ 8՝ Վարդահեղեղ Կիրակի

Երեքշաբթի, 3 Մարտին, տոլարի գինը 305 դրամէն 360-380 դրամ բարձրացնելու Կեդրոնական դրամատան որոշումը արտակարգ իրարանցում ստեղծեց Երեւանի շուկաներուն մէջ։ Մտածելով, որ տոլարի բարձրացման պիտի յաջորդէ սպառողական եւ այլ գիներու բարձրացում՝ ժողովուրդը սկսաւ խանութներէն աննախընթաց թափով մեծաքանակ ապրանք գնել։ Երեւանի տարբեր թաղամասերու շուկաներն ու «սուփըրմարքեթ»ները ողողուեցան բրինձ, ձէթ, ալիւր, շաքարաւազ, աղ, ձիթապտուղ, եւ հազարումէկ այլ բան [...]

March 17th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

«Սեւ Երեքշաբթի»

«Սեւ Երեքշաբթի»

Երեքշաբթի, 3 Մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00ին դրամատուն մուտք գործեցի, նախորդ ամսուան ծախսերուս՝ ելեկտրականութիւն, ջուր, կազ, ինքնաշարժի մուրհակ, վճառումները կատարելու համար: Այդ օրը, սակայն, արտակարգ խճողում կար դրամատան մէջ, իսկ պատուհաններու ետին, այլազան գործառքներ կատարող պաշտօնեաները տակաւին կէսօր չեղած՝ յոգնած էին կարծես: Հերթը գրեթէ մինչեւ մուտքի դուռը հասած էր եւ բոլորն ալ անհամբեր դարձած կը [...]

March 10th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Թուրք-Հայկական Յարաբերութիւններու, Մարտ 1ի Եւ Այլ Նիւթերու Մասին

Թուրք-Հայկական Յարաբերութիւններու, Մարտ 1ի Եւ Այլ Նիւթերու Մասին

Թրքական մամուլին մէջ վերջերս շատ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման, երկու երկիրներու ղեկավարութեան միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, արձանագրուած աննախընթաց յառաջընթացին եւ անկիւնադարձային համաձայնութեան մը հասնելու հաւանականութեան մասին: Թուրք պետական դէմքեր առիթ չեն փախցներ ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, թէ որքա՜ն երկար ճամբայ կտրած են երկու պետութիւններուն միջեւ գաղտնի եւ յայտնի բանակցութիւնները, թէ երկու կողմերը որքա՜ն մօտեցած են [...]

February 24th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Դահուկի Սիրահարներու Երկիրը

Դահուկի Սիրահարներու Երկիրը

Անցեալ Ուրբաթ օր, Դանիայէն եկած խումբ մը պաշտօնակիցներու եւ Հայաստանի գրասենեակի գործընկերներուս հետ մեկնեցանք Ծաղկաձոր, ընկերային հաճելի ժամանակ անցնելու եւ հայ ու դանիացի աշխատակազմերուն միջեւ կապերը զօրացնելու նպատակով։ Դանիացիք շատ հետաքրքրուած էին Ծաղկաձորով, որովհետեւ բոլորն ալ դահուկի սիրահարներ էին եւ կազմ ու պատրաստ եկած էին երկու օր անցնելու աւելի քան 2000 մեթր բարձրութիւն ունեցող Դեղենիս [...]

February 17th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Տոլարն Ու Դրամը՝ Ֆինանսական Տագնապի Օրերուն

Տոլարն Ու Դրամը՝ Ֆինանսական Տագնապի Օրերուն

Ապրիլ 2004ին, երբ տակաւին նոր Հայաստան տեղափոխուած էի, մէկ տոլարին գինը աւելի քան 540 դրամ էր։ Այդ օրերուն, եթէ անհատ մը երկու-երեք հարիւր տոլար եկամուտ ունենար, կրնար մէկ ամիս, առանց մտահոգուելու, հոգալ իր նուազագոյն կարիքները։ 90ական թուականներու կէսերէն սկսեալ, հազարաւոր հայ ընտանիքներ տարիներ շարունակ ապրեցան արտագնայ աշխատանքի մեկնած իրենց հարազատներէն ամսական քանի մը հարիւր տոլար [...]

February 10th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

«Գերեզմանները Ո՞ւմ Թողնեն…»

«Գերեզմանները Ո՞ւմ Թողնեն…»

Մոսկուայի միջազգային օդակայանը, նախկին խորհրդային երկիրներու ամէնէն բանուկ եւ զբաղ օդակայանն է եւ, պէտք է խոստովանիլ, որ այդքան ալ հաճելի վայր մը չէ: Հանգստաւէտ պայմաններու բացակայութենէն բացի, շատ նեղացուցիչ են ապահովական եւ անվտանգութեան միջոցառումները: Բազմաթիւ ստուգումներէ եւ վերստուգումներէ ետք, օդանաւ չբարձրացած՝ անգամ մը եւս ճամբորդողներուն կը պարտադրուի հանել կօշիկ ու վերարկու, գօտի եւ դրամապանակ եւ [...]

February 3rd, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Նոր Տարին. Հին ու Նոր Հարցեր, Հին ու Նոր Յոյսեր

Նոր Տարին. Հին ու Նոր Հարցեր, Հին ու Նոր Յոյսեր

Մօտ մէկ ամիս բացակայ էի Հայաստանէն եւ մոռցած էի, թէ ինչքա՜ն տարբեր է Հայաստանի մէջ ըլլալը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի օրերուն: Ամանորէն առաջ եւ Ամանորէն վերջ տարբեր երկիր, ուրիշ աշխարհ կը դառնայ Հայաստանը: Ամանորէն առաջ, շուկաները կը վխտան նուէր ու մանաւանդ ուտեստեղէն գնող ժողովուրդով, իսկ Երեւանի բոլոր ճամբաներու հեղձուցիչ խճողումները պարզապէս անտանելի կը դարձնեն արտասովոր [...]

January 27th, 2009

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Լեզուն Հայերէնն Է

Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Լեզուն Հայերէնն Է

Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, առեւտրական բոլոր հաստատութիւնները, մեծ ըլլան անոնք, թէ փոքր, մասնաւոր ըլլան, թէ բաժնետիրական, պարտաւոր են ունենալ ստացական տպող՝ հաշուիչ դրամարկղային մեքենաներ: Իւրաքանչիւր առքուվաճառքէ ետք, գնումները պէտք է գրանցուին մեքենային մէջ, ապա տպուած ստացականը պէտք է տրուի յաճախորդին: Այս որոշումին նպատակը հարկահաւաքը բարելաւել է՝ կանխիկ առեւտուրը սահմանափակելով:
Հիմա բոլոր խանութները, մեծ մասը վստահաբար մեծ [...]

December 9th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Իսկական Հայրենադարձը

Իսկական Հայրենադարձը

Այս շաբաթ որոշած էի գրել Հայաստան հաստատուած եւ վերջերս քաղաքացի դարձած լիբանանահայ ընկերներէս մէկուն հայրենական փորձառութիւններուն մասին, որպէսզի կատարած ըլլամ այս սիւնակով հայրենիք տեղափոխուած սփիւռքահայերու կեանքին եւ փորձառութիւններուն անդրադառնալու խոստումս։ Քանի մը օր առաջ, սակայն, Լոռի մարզի Թումանեան գիւղ կատարած այցելութիւնս պատճառ դարձաւ, որ յետաձգեմ վերոնշեալ նիւթին մասին գրելու որոշումս։ Խոստմնադրուժ ըլլալուս համար, լիբանանահայ ընկերոջմէս [...]

December 2nd, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Քաշաթաղ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Պորտակապը

Քաշաթաղ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Պորտակապը

Ընկերս՝ Ռալֆ Երիքեանը, որ «ՎիվաՍէլ-Էմ.Թի.Էս.» եւ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութիւններու ընդհանուր տնօրէնն է, իր պաշտօնին բերումով ամիսը գոնէ երկու անգամ Ստեփանակերտ կ’այցելէ: Միօրեայ այս այցելութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան Շաբաթ օրերուն, զբօսաշրջիկային հանգստաւէտ պտոյտներ չեն, այլ զուտ աշխատանքային բնոյթ ունին: Ռալֆը առաւօտ ժամը 4:30ին կ’արթննայ ու մէկ ժամ ետք ճամբայ կ’իյնայ դէպի Ղարաբաղ եւ մօտ 350 քիլոմեթր [...]

November 11th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Հայաստանը Միայն Երեւան Չէ

Հայաստանը Միայն Երեւան Չէ

Բազմաթիւ ընթերցողներ յաճախ ինծի կը գրեն, որ Հայաստանը միայն Երեւան չէ եւ ես, աւելի անաչառ եւ արդար ըլլալու համար, պէտք է նաեւ գրեմ հեռաւոր ու մանաւանդ՝ սահմանամերձ գիւղերուն մասին, որոնց վիճակը այդքան ալ նախանձելի չէ, չըսելու համար՝ ողբերգական: Այս շաբաթ որոշեցի գրել այս գիւղերէն մէկուն մէջ ապրող ընտանիքի մը մասին, ոչ միայն բաւարարելու համար ընթերցողներուն [...]

October 28th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Խճողում, Խցանումներ Եւ Ստորգետնեայ Կանգառներ

Խճողում, Խցանումներ Եւ Ստորգետնեայ Կանգառներ

Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մայրուղիներուն վրայ եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ խճողում ըսուած բանը գոյութիւն իսկ չունէր։ Անցած Կիրակի օր, խումբ մը ընկերներով որոշեցինք Սեւանայ լիճ այցելել՝ ձմեռնամուտէն առաջ վերջին անգամ ըլլալով վայելելու անոր գեղեցիկ բնութիւնը եւ համեղ ձուկը։ Նախապէս Սեւանէն Երեւան վերադարձը կը տեւէր 40-45 վայրկեան, ամենավատ պարագային՝ մէկ ժամ։ Անցած Կիրակի, սակայն, նոյն [...]

October 21st, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

2790 Տարեկան

2790 Տարեկան

Հայաստանի մայրաքաղաքը 2790 տարեկան է։ Անցած շաբաթավերջին, երբ ամբողջ աշխարհը ֆինանսական տագնապի չարագուշակ լուրերով կը տառապէր, Երեւանի փողոցներուն մէջ մտահոգութեան նշոյլ իսկ չկար, ընդհակառակը՝ քաղաքի բոլոր թաղամասերուն մէջ տիրական էր տօնական մթնոլորտը։ Ամէն կողմ շողշողուն լոյսեր, երգահանդէսներ ու պարախումբեր, հրավառութիւններ։
2790 տարի առաջ, ք.ա. 782 թուականին, Ուրարտուի Արգիշտի Ա. թագաւորը, արարատեան աշխարհին վրայ իր իշխանութիւնը [...]

October 14th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Անուններու Պատերազմ

Անուններու Պատերազմ

Վերջին քանի մը շաբաթներուն բոլորիս ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ։ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ պատմական որակուած հանդիպումը, Հայասպանութեան ճանաչման պահանջին վերաբերող մտահոգութիւնները, Արցախի տագնապի լուծման տարբերակներուն մասին լուրերը եւ այսօրինակ այլ նիւթեր թերթերու եւ լրատուական այլ միջոցներու մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեցին։ Քաղաքական ծանրակշիռ իրադարձութիւններու վերլուծութիւնը թողելով աւելի բանիմաց մարդկանց, այսօր ես պիտի [...]

October 7th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Հիւսիսէն Փչող Քամիներ

Հիւսիսէն Փչող Քամիներ

Քանի մը օր առաջ, ընթերցող մը կը յիշեցնէր, թէ ամիսներ առաջ խոստացած էի այս սիւնակով լուսարձակի տակ առնել հայրենիք հաստատուած սփիւռքահայերու կեանքը, անդրադառնալ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յաջողութիւններուն ու դժուարութիւններուն։ Այլ ընթերցող մը կը գրէր, որ անձնապէս իրեն ուղղուած նամակով մը խոստացած էի գրել Հայաստան Հիմնադրամի աշխատանքներուն եւ ԷՅՏԶի մասին։ Հայաստան տեղափոխուած սփիւռքահայերու մասին անդրադառնալու խոստումս [...]

September 16th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Հայ–Թրքական Ճակատում. Ֆութպոլի Եւ Քաղաքականութեան Զուգահեռներ

Հայ–Թրքական Ճակատում. Ֆութպոլի Եւ Քաղաքականութեան Զուգահեռներ

Շատ խօսուեցաւ եւ հաւանաբար շատ երկար պիտի խօսուի Հայաստան–Թուրքիա ֆութպոլի մրցումին եւ այս առիթով տեղի ունեցած նախագահական հանդիպումին մասին։ Նպատակս այստեղ երկար բարակ վերլուծումներ ընել չէ, ոչ ալ ներկայացնել Հրազդան մարզադաշտին մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը եւ ֆութպոլի մրցումին հետաքրքրական մանրամասնութիւնները։ Այս մասին աւելի բանիմաց մարդիկ, ֆութպոլի մասնագէտներ ու քաղաքական մեկնաբաններ գրեցին ու պիտի շարունակեն գրել, [...]

September 9th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Կրթութեան Կամուրջ՝ Յանուն Ապագայի

Կրթութեան Կամուրջ՝ Յանուն Ապագայի

Սուսաննային ծանօթացայ քանի մը Շաբաթ առաջ, երբ խումբ մը գործընկերներով Հայաստանի Վայոց Ձոր Մարզի Ռինդ գիւղը կ՚այցելէինք՝ ծանօթանալու համար Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութենէն օգնութիւն ստացող ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Գիւղը, որ ունի մօտ երեք հարիւր տուն՝ շուրջ 1500 բնակիչներով, կառուցուած է ուղիղ 40 տարի առաջ, երբ քանի մը քիլոմեթր անդին գտնուող հին Ռինդը հիմնովին քար [...]

September 2nd, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Վան, Մուշ Եւ Լոռի

Վան, Մուշ Եւ Լոռի

Ռուս–վրացական վերջին պատերազմէն անմասն չմնաց Հայաստանը։ Արդէն շաբաթ մըն է, որ վառելանիւթի լցակայանները իրենց պատուհաններուն փակցուցած են «փակ է» կամ «պենզին չկայ» գրութիւններ։ Մարդիկ մտահոգ են, որ վրաց–ռուսական յամեցող տագնապը պիտի սկսի վառելանիւթի եւ սննդամթերքի ներածումները սահմանափակելու եւ պատճառ դառնալու սղաճի նոր ալիքի մը։
Խումբ մը ընկերներով վաղուց որոշած էինք Օգոստոս 23ի շաբաթավերջը այցելել Լոռի [...]

August 26th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Կայունութեան Վերականգնումի Յոյսով

Կայունութեան Վերականգնումի Յոյսով

Ռուս–վրացական վերջին պատերազմը անմիջականօրէն ազդեցութիւն չունեցաւ Հայաստանի ժողովուրդին առօրեային վրայ։ Պատերազմի առաջին երկու օրերէն ետք պենզինի լցակայաններ սկսան միայն տասը լիթր պենզին տալ յաճախորդներուն, պատճառաբանելով, որ հարկ է խնայողութամբ օգտագործել այս կարեւոր վառելանիւթը, քանի որ Վրաստանի Փոթի նաւահանգիստ ժամանած պենզինը կարելի չէ եղած ճանապարհ հանել դէպի Հայաստան։ Միայն վարչապետին վստահեցումներէն ետք այս լցակայանները սկսան բնականոն [...]

August 19th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Լաւագոյն տղերքը

Լաւագոյն տղերքը

Պերճին ծանօթացայ քանի մը շաբաթ առաջ, ընկերոջս կառուցած շէնքին մէջ: Եկած էր վերանորոգելու քանի մը յարկաբաժիններու ելեքտրական համակարգը: Առաջին տպաւորութիւնս շատ դրական էր: Ազնիւ, աշխատասէր, եւ քաղաքավար երիտասարդ մը կերեւէր եւ բարի, համեստ դէմքը վստահութիւն կը ներշնչէր: Վերանորոգման աշխատանքներու երկարատեւութեան պատճառով Պերճ ամէնօրեայ հերթականութեամբ սկսաւ այցելել նորակառոյց շէնքի յարկաբաժինները եւ կարճ ժամանակի մը ընթացքին բարեկամացաւ [...]

August 12th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Հայաստանը՝ Երիտասարդութեան

Հայաստանը՝ Երիտասարդութեան

Երեւանի փողոցները այս օրերուն խճողուած են Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներով: Անոնց մեծ մասը սփիւռքահայեր են՝ Արեւմուտքէն, Միջին Արեւելքէն եւ նախկին խորհրդային երկիրներէն: Անցնող հնգամեակին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը շարունակական աճ արձանագրեց, իսկ անցեալ տարի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ, երբ շուրջ կէս միլիոն այցելուներ Հայաստանի մէջ անցուցին իրենց արձակուրդը: Այս տարի, նախագահական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած դէպքերը [...]

August 5th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

“Հայաստանցիներն Աշխատանք Են Գտնում Թուրքիայում

“Հայաստանցիներն Աշխատանք Են Գտնում Թուրքիայում

Ստամբուլի Հայոց Պատրիարքարանի շրջակայքի նեղլիկ փողոցներով քայլելիս կարելի է լսել արեւելահայերէն խօսողների: Ինտերնետային հեռախօսակապի կէտերում նոյնիսկ հայերէն տառերով գրութիւններ կան՝ «մէկ րոպէի արժէքը…» Երեւան, Վանաձոր խօսելու համար:
Պատրիարքարանի շրջակայքում մօտ 3-5 հազար հայաստանցի է ապրում: Այս թիւը նշեցին համայնքի խնդիրներով հետաքրքրուած մի քանի պոլսահայեր (նրանց անունները չենք հրապարակում նրանց համար խնդիրներ չստեղծելու նկատառումով): Ստամբուլում հայաստանցիները հազուադէպ [...]

July 29th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Երեք Զինուոր, Երեք Պատմութիւն

Երեք Զինուոր, Երեք Պատմութիւն

Թէեւ ամառնային արեւի կիզիչ ճառագայթները Հայաստանի ամբողջ տարածքին բարձրացուցած են ջերմաստիճանը, Երեւանը, սակայն կարծէք կ’անտեսէ անդամալուծող տօթը եւ այս օրերուն արտասովոր աշխուժութիւն մը կը ցուցաբերէ: Դեռ նոր վերջացաւ Ոսկէ Ծիրան ֆիլմերու միջազգային փառատօնը: Այս տարի հնգամեակն էր արդէն աւանդութիւն դարձած այս փառատօնին եւ պատահական չէ, որ մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ներառեալ ֆիլմի աշխարահռչակ վարպետներ ու սկսնակ [...]

July 22nd, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Կարծիքներ՝ Կիւլի Այցելութեան Եւ Պատմաբաններու Յանձնաժողովի Մասին

Կարծիքներ՝ Կիւլի Այցելութեան Եւ Պատմաբաններու Յանձնաժողովի Մասին

Ամառնային տաքը եւ կիզիչ արեւը արդէն տիրական ներկայութիւն են Հայաստանի մէջ: Ամառ է եւ մարդիկ տօթէն փախչելու լաւագոյն միջոցը կը համարեն գիւղագնացութիւնը՝ մէկ օրով, մէկ շաբաթով կամ ամիսով: Անշուշտ կան նաեւ բազմաթիւ հայաստանցիներ, որ գիւղական իրենց ամառանոցներուն կողքին ունին նաեւ արտասահման այցելելու հնարաւորութիւն: Հետզհետէ կը շատնայ արտասահման մեկնող հայ զբօսաշրջիկներու թիւը: Ըստ կարգ մը անպաշտօն [...]

July 15th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Երջանկութեան Բանաձեւը

Երջանկութեան Բանաձեւը

Քանի մը շաբաթ առաջ, Միացեալ Նահանգներու Ազգային Գիտութեան Հիմնարկը կատարած էր ուսումնասիրութիւն մը, յայտնաբերելու համար աշխարհի ամենէն երջանիկ եւ տխուր երկիրները: Ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն համաձայն, աշխարհի ամենէն երջանիկ տաս երկիրներու առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն յաջորդաբար Դանիան, Փուէրթօ Ռիքոն եւ Քոլոմպիան, իսկ 10 ամենէն տխուր երկիրներու վերջին երեք դիրքերը’ Մոլտովան, Հայաստանը եւ Զիմպապուէյը: Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն [...]

July 8th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Ո՞վ Կոլ Պիտի Նշանակէ

Ո՞վ Կոլ Պիտի Նշանակէ

Անցնող երկու շաբաթներուն, քաղաքական շրջանակներուն համար Ֆութպոլի Եւրոպայի 2008ի ախոյանութիւնը այնքան ալ հետաքրքրական չէր, ինչքան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, թէ կը մտադրէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Հայաստան հրաւիրել Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ապտուլլահ Կիւլը, երկու երկիրներու ազգային հաւաքականներու ֆութպոլի մրցումը միասնաբար դիտելու համար:
Թէեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի թերթերը բաւական լայն արձագանգ տուին այս եւ Հայաստան-Թուրքիա պատմաբաններու յանձնաժողով [...]

July 1st, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Գործարարութիւն Եւ Պատասխանատուութիւն

Գործարարութիւն Եւ Պատասխանատուութիւն

Ամէն անգամ, որ մտածեմ շաբաթական հերթականութեամբ լոյս տեսնող այս սիւնակի յաջորդ նիւթին մասին, ես ինծի կը խոստանամ անդրադառնալ Հայաստան տեղափոխուած սփիւռքահայերու գործունէութեան, կեանքին, առօրեային, աշխատանքներուն, յաջողութիւններուն, ձախողութիւններուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այլ հարցերու: Առիթ չեմ ունեցած այս սիւնակով պատմելու իրենց մասին, ներկայացնելու իրենց կեանքն ու առօրեան: Դժբախտաբար մեծ չէ թիւը հայրենադարձ ընտանիքներուն եւ անհատներուն. լաւագոյն պարագային [...]

June 24th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Պտոյտ Մը Մաքսայինի Թղթաբանութեան Մէջ …

Պտոյտ Մը Մաքսայինի Թղթաբանութեան Մէջ …

(Մաս Առաջին)
Երկուշաբթի, 2 Յունիսին, կէսօրուան դադարը հազիւ սկսած, բջջային հեռաձայնս զանգեց եւ կանացի քնքուշ ձայն մը ըսաւ. «Պրն. Տուտագլեան, ապրանքների փոխադրութեան կազմակերպութիւնից եմ զանգում, Տուպայից ձեր ուղարկած իրերը՝ ելեքտրական օճախը եւ օդատար սարքը արդէն հասել են Երեւան: Ստանալու համար նախ պէտք է գնաք Չարբախի մաքսային տերմինալ եւ յետոյ Արարատեան մաքսային կէտ»: Կողքիս կանգնած ընկերս [...]

June 10th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Ապրէք Երեխէք…

Ապրէք Երեխէք…

Մինչեւ Հայաստան տեխափոխուիլս չէի գիտեր, որ Կիրակի, 1 Յունիսը, Երեխաներու Միջազգային օրն է: Հայաստանի մէջ այս տօնը վերջին քանի մը տարիներուն կը նշուի յատուկ շուքով: Հանրային պարտէզներն ու խաղավայրերը, փողոցներն ու բացօթեայ սրճարաններու մեծ մասը այդ օր յատուկ յայտագիրներ կը պատրաստեն երեխաներուն համար: Ինչպէս անցնող տարիներուն, այս տարի եւս Յունիս 1ին երեխաներուն համար կազմակերպուած էին [...]

June 3rd, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Հայաստան՝ Երկիր Ժամադրավայր

Հայաստան՝ Երկիր Ժամադրավայր

Հայաստան տեղափոխուած կամ գործի բերումով Երեւան բնակող սփիւռքահայերը յաճախ կը բողոքեն, որ ամառները զրկուած են հանգիստ ընելու հնարաւորութենէն, քանի որ Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, ու մանաւանդ՝ Յունիսի կէսերէն մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը, իրենց ազատ ժամերուն մեծ մասը կը տրամադրեն հայրենիք այցելող բարեկամներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն: Իրապէս՝ Հայաստանը ծրագրուած ժամադրութիւններու կամ անակնկալ, պատահական հանդիպումներու երկիր է: [...]

May 27th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Թանկացումներ Եւ Սղաճ

Թանկացումներ Եւ Սղաճ

Այս օրերուն, Հայաստանի քաղաքացիներուն եւ մանաւանդ՝ սահմանափակ եկամուտ եւ ֆինանսական միջոցներ ունեցող բնակիչներուն առօրեայ գլխաւոր մտահոգութիւնը սպառողական ապրանքներու եւ սննդամթերքի գիներուն աննախընթաց աճն է: Մայիսի սկիզբին, կառավարութիւնը դադրեցուց բնական կազին պետական պիւտճէէն տրամադրուող յատկացումները – Մայիսէն առաջ, մէկ խորանարդ բնական կազը բնակիչներուն կը վաճառուէր 0.19 ամերիկեան տոլարով, իսկ հիմա մէկ խորանարդ բնական կազի գինը պիտի [...]

May 20th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Երկու Քայլ Առաջ, Մէկ Քայլ Ետեւ

Երկու Քայլ Առաջ, Մէկ Քայլ Ետեւ

Տուպայի միջազգային օդակայանը ահաւոր խճողուած է: Ամէն տեղ եւ ամէն անկիւն՝ երկար պոչով հերթեր եւ հրմշտուք, ազատ շուկայէն գնում կատարողներու անվերջ տողանցք՝ հազար ու մէկ իր եւ ապրանք վաճառող խանութներու առջեւ, մէկ խօսքով՝ մարդկային ալիքներու անդադրում հոսք օդակայանի ամբողջ տարածքին: Օդակայանի մայր դուռնէն ներս մտնելս ու Երեւան մեկնող օդանաւին մէջ տեղաւորուիլս կը տեւէ ընդամէնը երկու [...]

May 13th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Համատիրութեան Նախագահ

Համատիրութեան Նախագահ

Հայաստան այցելող ընկերներս եւ հարազատներս միշտ կը գանգատին, որ Երեւանի շէնքերու մուտքերը լաւ խնամուած չեն ու յաճախ՝ աղտոտ են եւ մութ: Կը բողոքեն, որ Թամանեանի եւ այլ ճարտարապետներու գլուխ գործոցները համարուող եւ հիմա արդէն պատմական արժէք ներկայացնող շէնքերու արտաքին երեսները ոչ միայն չեն վերանորոգուիր, այլեւ աղաւաղուած տեսք ստացած են՝ անճաշակ շինութիւններու յաւելումով կամ անոնց ճակատային [...]

May 6th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Նոր Սերունդը՝ Սպեղանի

Նոր Սերունդը՝ Սպեղանի

Անցեալ տարի, Ապրիլ 24ին Հայաստան աշխարհը ծածկուեցաւ սպիտակ թաւշեայ ձիւնով, իսկ այս տարի՝ ամառնային կիզիչ տօթը յիշեցնող եղանակն էր տիրապետողը: Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր տանող ճանապարհը առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը բանուկ էր, խճողուած՝ Հայաստանի ժողովուրդին բոլոր խաւերը եւ երանգները ներկայացնող երիտասարդներով ու ծերունիներով, քաղաքական գործիչներով եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով, քաղաքաբնակ եւ գիւղաբնակ քաղաքացիներով, [...]

April 29th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Սպասումի Եւ Յոյսի Օրեր

Սպասումի Եւ Յոյսի Օրեր

Նախագահական ընտրութիւններուն յաջորդած խռովալի օրերէն ետք, Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը ոչ միայն քաղաքական, այլեւ ժողովրդային լայն շրջանակներու խօսակցութեան գլխաւոր նիւթերէն մէկն է այս օրերուն: Վստահաբար, հայաստանեան կեանքի իրադարձութիւններով հետաքրքրուող սփիւռքահայերը եւս ուշադրութեամբ կը հետեւին նախարարներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու նշանակումներուն եւ կը փորձեն կանխատեսել անոնց ազդեցութիւնն ու հետեւանքները՝ քաղաքական ու տնտեսական հետագայ զարգացումներուն վրայ: Այս հետաքրքրութեան [...]

April 22nd, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Լաւ Է Մոմ Մը Վառել

Լաւ Է Մոմ Մը Վառել

Ռուսական «Նիվա» ինքնաշարժները աշխարհի ամէնէն հանգստաւէտ մեքենաները չեն, մանաւանդ եթէ երկարահասակ էք ու նստած՝ ետեւի նստարանին, որ ոչ ոտք շարժելու, ոչ ալ պատուհանէն դուրս հետաքրքրական տեսարանները դիտելու առիթ կ’ընծայէ: Ես բախտաւոր եմ: Նստած եմ առջեւի նստարանին, իսկ Քիմ Հարցները, դանիական «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը, որ ինծմէ աւելի բարձրահասակ է եւ պէտք ըսել բաւական թիկնեղ, [...]

April 15th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Գարուն Երեւան

Գարուն Երեւան

Հայաստանեան ձմեռները յայտնի են իրենց ցուրտ, երբեմն ալ չափէն աւելի խստաշունչ եղանակով: Անցած ձմեռ մանաւանդ, ցուրտի ալիքը շուրջ երկու ամիս յամառօրէն մերժեց հեռանալ հայաստանեան երկնակամարէն, իսկ ձիւնն ու նուազ 15 աստիճան սառնամանիք ցուրտը շարունակաբար մնացին քաղաքացիներուն տրամադրութիւնը փճացնող անկոչ, իրենք զիրենք պարտադրող տհաճ հիւրերը: Անշուշտ մարդոց տրամադրութիւններուն վրայ ահաւոր վատ ազդեցութիւն թողուցին նաեւ Փետրուար 19ի [...]

April 8th, 2008

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Սեւանի Ափէն՝ Հրաւէր Եղիշին

Սեւանի Ափէն՝ Հրաւէր Եղիշին

Եղիշ Տարաքճեանը ես չեմ ճանչնար։ Պէյրութէն է, ապրած է Թրատ, հիմա՝ Զալաա։ Սեւանի ափին ճաշարան մը նստած չորս ընկերներով մեր անցեալը կը քրքրէինք, երբ չեմ գիտեր ինչպէս, Անդրանիկ Պօղոսեանը եւ Արմանտ Պաղտոյեանը մէկը միւսին բերնէն խլելով խօսքերը, սկսան պատմել Եղիշի մասին, իրենց բազմաթիւ վկայութիւնները համեմելով հաճելի դրուագներով։
Սրամիտ, քաջ, պատրաստաբան, ազգասէր ու նուիրուած մարդ մը [...]

October 11th, 2006

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

»Չստացուած« Ճարպիկութիւն

»Չստացուած« Ճարպիկութիւն

Շարլ Ազնաւուրը Շաբաթ երեկոյեան պիտի երգէր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, »Մարիոթ-Արմենիա« հիւրանոցին դիմաց։ Նստած վայելելու համար մեծ երգիչի կատարումը, պէտք է վճարէիր նուազագոյնը 50 հազար դրամ, առաւելագոյնը՝ 150 հազար դրամ, այսինքն 135 տոլարէն 400 տոլար։ Անշուշտ, հրապարակին մէջտեղը կամ որեւէ անկիւն կանգնածները կրնային տեսնել եւ ունկնդրել ազգի հարազատ զաւկին՝ առանց որեւէ վճարումի։
Ընկերս, վերջին 3 տարիներուն [...]

October 4th, 2006

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Յաջորդ Օրերը

Յաջորդ Օրերը

Անկախութեան օրը տօնեցինք։
Հայկական բանակը յատուկ զօրահանդէսով, փաղանգ առ փաղանգ զինուորական խրոխտ տողանցքով, ռազմական հնարաւորութեանց հպարտ ցուցադրութեամբ ոգեպնդեց մեզ, բոլորը՝ Հանրապետութեան հրապարակը ողողող բազմութիւնը եւ վստահաբար հանրային պատկերասփիւռէն դիտող հայութիւնը թէ արտերկրի հայութիւնը։
Տօնի առթիւ կազմակերպուած երգահանդէսները, Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտը եւ աւելի ուշ օփերայի «Ազատութեան» հրապարակը լեցնող անհամար բազմութիւնը յուզեցին մեր հոգիները։
Գիշերային բազմագոյն [...]

September 27th, 2006

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »