Asbarez News - Armenian Edition » Նամակ Երկրէն

Վեց Ժամ Արարատ
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ընթերցողները յիշեցնեմ, որ անցեալ շաբթուան նամակիս նիւթը տուպայաբնակ, Սուրիոյ քաղաքացի Սարգիսին եւ իր կնոջ մասին էր, որոնք Պէյրութ-Երեւան թռիչքով հասած էին «Զուարթնոց» օդակայան, սակայն մեծ եղած էր անոնց յուսախաբութիւնը, երբ օդակայանին մէջ վիզա չէին կրցած ստանալ։ Սուրիոյ քաղաքացիները Հայաստանի վիզան պէտք է ստանան իրենց երկրի հայկական դեսպանատուներէն, ըսած էին Սարգիսին ու կնոջ եւ զանոնք տարած «թրանզիթ» բաժին, որպէսզի անոնք յաջորդ թռիչքով, երեք օր ետք, վերադառնան Հալէպ: Շաբաթ օր, առտու կանուխ, Սարգիս հեռաձայնած էր ինծի՝ օգնութեան խնդրանքով: «Մեզի այստեղէն դուրս հանէ, երեք օր ինչպէ՞ս դիմանանք: Ճնշումս արդէն սկսաւ բարձրանալու», ազդարարած էր Սարգիս:

Առաջին գործս եղաւ հեռաձայնել Անցագիրներու բաժնի վարչութիւն՝ իմանալու համար թէ ինչո՞ւ Սարգիսին եւ իր կնոջ կարելի չէր վիզա տալ, եւ ի՞նչ էր այս անելէն դուրս գալու միջոցը: Յետոյ խօսեցայ օդակայան աշխատող ծանօթ մարդոց հետ, հեռաձայնեցի արտաքին գործոց նախարարութիւն աշխատող ընկերներու, սփիւռքահայ նախարարութիւն, օդակայանի տեղեկատուական բաժին: Յանձնարարեցին կապ հաստատել Սուրիոյ դեսպանատան հետ եւ դեսպանին միջամտութիւնը խնդրել: Սակայն Շաբաթ օր դեսպանատունը փակ էր, իսկ դեսպանն ու դեսպանատան աշխատակիցները՝ անհասանելի: Աջէն ձախէն հաւաքած տեղեկութիւններէս իմացայ, որ որոշ միջպետական համաձայնագիրներու հիման վրայ, որոշ երկիրներու քաղաքացիներուն կարելի չէ մուտքի վիզա տալ Հայաստանի օդակայանին կամ սահմանային միւս մուտքերուն մէջ: Ի դէպ, իմացայ նաեւ, որ Թուրքիան այդ երկիրներու շարքին չի գտնուիր եւ Հայաստան ժամանող թուրքերը կրնան վիզա ստանալ սահմանային անցքին վրայ կամ օդակայանին մէջ: Լրացուցիչ այս տեղեկութիւնները Սարգիսին չուզեցի փոխանցել, քանի որ անոր արեան ճնշումը բարձրացնելէ բացի ուրիշ ոչ մէկ բանի պիտի ծառայէին:

Արդէն չորս ժամ անցած էր եւ Սարգիսին ու իր կնոջ օդակայանէն դուրս հանելու յոյսերը հետզհետէ կը նսեմանային, իսկ ինք՝ անհամբեր դարձած, տասը վայրկեանը մէյ մը կը հեռաձայնէր ինծի՝ նորութիւն մը լսելու ակնկալիքով: Քանի մը ընկերներու հետ աշխարհը իրար անցուցինք, եւ ի վերջոյ բարեկամ մը խոստացաւ օգնել մեզի: Աջ ու ձախ հեռաձայնեց, Սուրիոյ մէջ իր հարազատներուն հետ խօսեցաւ, անոնք ալ իրենց կարգին կապ հաստատեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ: Այսպէս շարունակուեցաւ շուրջ մէկ ժամ: «Այս բոլորէն օգտուողները միայն բջիջային կապի ընկերութիւնները պիտի ըլլան», կը մտածէի ես յուսահատ, երբ հեռաձայնս հնչեց: Մեր բարեկամն էր, «Կրնաս հիմա երթալ եւ Սարգիսը օդակայնէն դուրս հանել: Վիզան պիտի տան, անհրաժեշտ կարգադրութիւնները եղան եւ ամէն ինչ լաւ է», ըսաւ ան:

Անմիջապէս գացի օդակայան Սարգիսն ու կինը դիմաւորելու: Երբ դուրս եկան օդակայանէն, ոչ թէ վեց ժամ, այլ վեց տարուան բանտարկութենէն նոր ազատուած ըլլալու տպաւորութիւնը թողուցին: Չէին հասկնար, թէ ինչո՞ւ հայ ըլլալով՝ վիզա չէին կրցած ստանալ, իսկ միջպետական համաձայնութիւններու մասին բացատրութիւններս համոզիչ չէին գտներ:

- Վեց ժամ ինչպէ՞ս դիմացաք,- հարցուցի ես, նիւթը փոխելու նպատակով:

- Արարատը դիտեցինք, մաքո՜ւր, պայծառ, փայլուն: Վեց ժամ անդադար Արարատ: Ամէն ինչ կ՛արժէր, հրա՜շք էր, հրաշք:

Նիւթը այսպէս փակեցինք եւ ուղուեցանք Երեւան:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Առաջին Քա՞յլ
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Հայրենիքէն ուղարկած վերջին նամակիս նիւթը, եթէ ընթերցողները կը յիշեն, Հայաստանի ոստիկանութեան մասին էր։ Ապրիլ 13ին, գողութեան մեղադրանքով Չարենցաւան քաղաքի ոստիկանատուն բերուած 24ամեայ երիտասարդ մը՝ Վահան Խալաֆեանը, մահացած էր անյայտ պատճառներով։ Ըստ Չարենցաւանի ոստիկանութեան, երիտասարդը ինքնասպանութիւն գործած էր, սակայն մեղադրեալին ծնողները յայտարարած էին, որ իրենց զաւակը խոշտանգման ենթարկուած է եւ մահացած՝ ոստիկաններու բռնարարքներուն պատճառով։ Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեանը անմիջապէս պաշտպանեց Չարենցաւանի ոստիկանութեան պաշտօնական կեցուածքը ու նախքան յետաքննութիւններու արդիւնքին բացայայտումը, բազմիցս պնդեց, որ գողութամբ մեղադրուած Խալաֆեանը անձնասպան եղած է։ Մարդկային իրաւանց պաշտպան տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ դատապարտեցին ոստիկանապետին այս կեցուածքը եւ բողոքի ալիք մը ստեղծելով՝ արդար եւ թափանցիկ յետաքննութիւն պահանջեցին։

Քանի մը օր ետք, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը անյարմար վիճակի մէջ դրաւ ոստիկանապետը, երբ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ իրաւամբ, Չարենցաւանի ոստիկանները խոշտանգած են ապօրինաբար բերման ենթարկուած երիտասարդը եւ պատճառ դարձած են անոր մահուան։ Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան անմիջապէս ներողութիւն խնդրեց հանրութենէն՝ ապատեղեկատուութիւն կատարած ըլլալուն համար։ «Ես պատժելու եմ իմ այն աշխատակիցներին, որոնք ինձ սխալ ինֆորմացիա են տուել՝ ինձ դնելով անյարմար վիճակի մէջ: Ովքեր որ յանցանք են կատարել՝ ծեծել են երիտասարդին, խոշտանգել են, բոլոր այդ մարդիկ պատժուելու են օրէնքի խստագոյն տառով: Ես նախապէս ասել եմ՝ ոչ մէկին չեմ պաշտպանելու, մեղաւորները պատժուելու են: Ես ծեծը երբեք չեմ խրախուսել, աշխատանքի աւելի ճիշդ մեթոդներ կան», յայտարարեց ոստիկանապետը։

Ճիշդ պիտի ըլլար, անշուշտ, որ Ալիկ Սարգսեան սկիզբէն որեւէ կարծիք չարտայայտէր եւ սպասէր քննութիւններու արդիւնքին։ Ակնկալելի է նաեւ, որ ոստիկանապետը ներողութիւն խնդրէ Խալաֆեանի ընտանիքէն, բան մը, զոր դեռ չէ ըրած։ Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ, որ նման խոստովանանք աննախադէպ երեւոյթ է Հայաստանի ոստիկանութեան պատմութեան մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով է, որ ոստիկանապետը հանրութեան կը դիմէ՝ ներողութիւն հայցելով։

Հարցը, սակայն, ներողութիւն յայտնելով պէտք չէ վերջանայ։ Ակնյայտ է, որ խորհրդային օրէնքներով եւ կարգով գործող ոստիկանութիւնը լուրջ բարեփոխումներու կարիք ունի։ Ըստ Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան, Օմպուդսմէն Արմէն Յարութիւնեանի տարեկան զեկոյցին, անցեալ տարի զգալիօրէն աճած է ոստիկանութեան արարքներուն դէմ բողոքներով իրեն դիմող քաղաքացիներուն թիւը։ Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր զեկոյցին մէջ կը նշէ. «Խոշտանգումների վերաբերեալ դիմում-բողոքներով քաղաքացիների խախտուած իրաւունքների վերականգնմանը հասնելը մեր իրականութեան մէջ գրեթէ անհնար է, քանի որ Ոստիկանութիւնը քաղաքացիների ներկայացրած փաստերը մշտապէս համարում է իրականութեանը չհամապատասխանող եւ անհիմն: Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ նման երեւոյթներն արդէն արատաւոր պրակտիկա են դարձել մեր իրաւապահ համակարգում, իսկ տիրող անպատժելիութեան մթնոլորտը յանգեցնում է նմանատիպ դէպքերի աճին»։

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ոստիկանապետէն կ՛ակնկալուին շատ աւելի արմատական քայլեր՝ քան նախադէպը չունեցող ներողութեան խնդրանք։ Հաւանաբար սա առաջին քայլն է, եւ պէտք է ողջունել ու քաջալերել։

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

«Ինձ Մի՛ Փնտռիր, Ոստիկան»
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ապրիլ 16ին, Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս նշուեցաւ Ոոստիկանի տօնը։ Այդ օր Հայաստանի ամբողջ տարածքին, հայ ոստիկանները տօնական համազգեստներ հագած՝ մասնակից եղան բազմաթիւ հանդէսներու եւ այլեւայլ միջոցառումներու։ Պետական դէմքեր բեմերէն փառաբանանքի շռայլ խօսքերով ողջունեցին ոստիկանները եւ գնահատանքի մետալներ շնորհեցին հանրային անդորրն ու քաղաքացիներուն իրաւունքը պաշտպանել-պահպանելու կոչուած բազմաթիւ համազգեստաւորներու։ Լրատուական միջոցները, մասնաւորաբար՝ պատկերասփիւռի կայանները, երկու օր շարունակ լայն տեղ տրամադրեցին խորհրդային օրերէն ժառանգուած այս տօնին առիթով կազմակերպուած եւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրներով յագեցած արարողութիւններուն։

Մէկ օր առաջ, նոյն լրատուամիջոցները շատ քիչ տեղ տրամադրած էին այլ լուրի մը, որ դարձեալ կը վերաբերէր ոստիկանութեան գործունէութեան։ Քանի մը օրաթերթեր հաղորդած էին, որ Երեւանէն կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Չարենցաւան քաղաքի ոստիկանատուն բերման ենթարկուած 24ամեայ երիտասարդ մը մահացած էր։ Ոստիկանութեան համաձայն, գողութեան կասկածով ոստիկանատուն բերուած երիտասարդը անձանասպանութիւն գործած էր: Սակայն շուտով տղուն հարազատները հերքեցին ինքնասպանութեան վարկածը եւ յայտարարեցին, թէ իրենց զաւակը խոշտանգուած է ոստիկանատան մէջ եւ ծեծի տակ՝ սպաննուած։

Թէ այս երկու հակասական յայտարարութիւններէն ո՞ր մէկն է ճիշդը՝ դժուար է կռահել, մանաւանդ որ անաչառ հետաքննութիւն չէ կատարուած անկախ փորձագէտներու կողմէ։ Բոլորն ալ գիտեն, սակայն, որ ծեծն ու խոշտանգումը, դարձեալ խորհրդային կարգերու ժառանգ, տարածուած երեւոյթ են ոստիկանատուներուն մէջ։ Մասնագիտական կրթութենէ զուրկ եւ վերապատրաստումներու պակասէ տառապող ոստիկաններու համար ծեծը խոստովանութիւն, կամ կաշառք կորզելու ամենակարճ եւ ամենահեշտ ճանապարհն է, անկախ այն իրողութենէն, որ ծեծի ենթարկուողը անմե՞ղ է, թէ մեղաւոր։

Պատկերասփիւռի ալիքներուն վրայ, գոյնզգոյն բազմաթիւ շքանշաններով եւ ուսադիրներով զարդարուած ոստիկաններուն հերթական շքերթէն եւ անոնց ուղղուած գնահատանքի խօսքերէն իսկապէս շատ պիտի տպաւորուէի, եթէ անոնց կատարած «սխրագործութիւններուն» մասին բազմաթիւ պատմութիւններ լսած չըլլայի։ Բայց ըսեմ, որ այս անգամ նոյնիսկ այս շքեղ հանդիսութիւնները շուքի մէջ մնացին, երբ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին, Հայաստանի ոստիկանապետը յայտարարեց, որ որոշած է դիմել նախագահին, Ոստիկանի տօնը Ապրիլ 16ի փոխարէն ուրիշ օր մը նշելու խնդրանքով։ Պատճա՞ռը՝ Ապրիլ 16ը արեւմտեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ ճանչցուած է իբրեւ միասեռականներու օր, եւ ուրեմն ամօթ է, որ հայ ոստիկանին, ոստիկանապետին բառերով՝ «իսկական տղամարդուն», մասնագիտական տօնը նշուի նոյն օրը…

- Երբ գիշերը, ընկերներով սուրճի մեր հերթական հանդիպման ընթացքին այս մասին կը խօսէինք, երեւանցի Դաւիթը խնդալով ըսաւ.

«-Արա՛, եթէ իսկական տղամարդ են, թող էդ երկրներին պարտադրեն, որ իրանք փոխեն միասեռականների օրը:

- Ով, ի՞նչ թուական պիտի փոխէ, չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ շատ բան պէտք է փոխուի Հայաստանի ոստիկանութեան մէջ, շատ աւելի մտահոգ շարունակեց վեց տարի առաջ Պէյրութէն Հայաստան տեղափոխուած Սեւակը։

Եւ քանի որ կարելի չէր առարկել Սեւակին, նիւթը այստեղ փակուած համարեցինք։

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան rafdoud@aol.com

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՕՄ-Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ԲԵԼԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՀՕՄը Արցախի Մէջ

«ԱՊԱՌԱԺ».- Ինչպիսի՞նն է Հօմ-ի գործունէութիւնն Արցախում եւ ի՞նչ ծրագրեր են իրագործւում այդ շրջանակներում:

ԲԵԼԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Արցախում ՀՕՄն իր մասնաճիւղը բացել է 16 տարի առաջ, եւ իր բացման օրից ի վեր այն ձգտել է հնարաւորինս օգտակար լինել արցախահայութեանը, նպաստել նրա կրթական, առողջապահական եւ նման այլ խնդիրների բարելաւմանը: Այսօր Արցախի մեր մասնաճիւղն ունի 122 անդամներ կամ ՀՕՄուհիներ, իսկ վերջերս 20 նոր ընկերուհիներ եւս համալրեցին միութեան շարքերը: 1988ին ԼՂՀ ԿԳ նախարարութիւնը միութեանը տրամադրեց կիսաքանդ մի շէնք, որը վերանորոգուեց Սփիւռքի մեր հայրենակիցների ջանքերով եւ իր դռները բացեց 3-6 տարեկան 87 մանուկների համար, որոնք հիմնականում զոհուած ազատամարտիկների ու երկկողմանի ծնողազուրկ երեխաներ էին: Արցախեան պատերազմից յետոյ դա առաջին մանկապարտէզն էր՝ «Սօսէ» մանկապարտէզը: Այնուհետեւ այդ ծրագիրն ընդլայնուեց եւ տարբեր համայնքապետերի խնդրանքով՝ եւս 11 մանկապարտէզներ բացուեցին Արցախի գիւղերում, որտեղ իրենց ուրախ մանկութիւնն են անցկացնում շուրջ 500 մանուկներ: Ինչպէս էլ լինի, ՀՕՄի առաքելութիւնն Արցախում միշտ կը մնայ նոյնը՝ հնարաւորինս աջակցել արցախահայութեանն ու Արցախի մանուկների բարւոք ապագայի ապահովմանը: Այդ շրջանակներում ՀՕՄը, 1992թ.ից սկսած, իրագործում է որբերի խնամակալութեան յատուկ ծրագիր՝ նիւթական միջոցներ տրամադրելով Արցախեան պատերազմի պատճառով որբացած մանուկներին՝ մինչեւ նրանց 18 տարին բոլորելը:

«ԱՊԱՌԱԺ».- Ինչպէս յայտնի է, այս տարի լրանում է ՀՕՄի գործունէութեան 100ամեակը: Այդ կապակցութեամբ ի՞նչ միջոցառումներ են նախատեսւում Արցախում:

ԲԵԼԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.-  Այդ կապակցութեամբ շնորհաւորելով բոլոր ՀՕՄուհիներին եւ ընդհանրապէս համայն հայութեանը՝ նշեմ, որ աշխարհի 26 երկրներում արդէն մեկնարկել են տօնական տարբեր միջոցառումներ եւ կազմակերպւում է ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած մեծ դրամահաւաք, որը, կարծում եմ, միաժամանակ նաեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն պիտի լինի միութեան մէկդարեայ գործունէութեանը: Օգտուելով առիթից՝ կ՛ուզէի կոչ յղել մեր հայրենակիցներին, որ իրենք էլ իրենց ներդրումն ունենան այս համահայկական բարեգործական միջոցառման իրագործման գործում:

Այսօր Արցախի մեր մասնաճիւղը նոյնպէս պատրաստւում է յոբելեանական տարին ըստ արժանւոյն տօնելուն: Այդ նպատակով՝ կազմակերպուել են տարբեր յանձնախմբեր, կազմակերպչական աշխատանքներն ընթացքի մէջ են: Հանդիպում ենք ունեցել ԼՂՀ վարչապետի հետ, ներկայացրել մեր ծրագրերն ու ստացել աջակցութեան դրական պատասխան: Այսինքն՝ պատրաստւում ենք պետական մակարդակով կազմակերպել մեծ միջոցառում, որը տեղի կ՛ունենայ Հոկտեմբերին եւ կը լինի ՀՕՄի տարեդարձային տօնակատարութիւնների արշաւի արցախեան հանգրուանը:

«ԱՊԱՌԱԺ».- Ըստ Ձեզ, որքանո՞վ են այսօր Արցախի կանայք ընդգրկուած երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքում եւ ինչքանո՞վ կը կարեւորէիք նրանց դերն այս ասպարէզում:

ԲԵԼԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.-  Բոլոր ժամանակներում հայ կինը փայլել է իր խելացի ու խորհրդանշական կեցուածքով, եղել է հայ տղամարդուն սատարողն ու խորհրդատուն, շատ յաճախ էլ խիզախութեան իր օրինակով զանազան մարտերում ոգեւորել է նրան, նոր ուժ հաղորդել զինուորի բազկին, պայքարել նրա կողքին. վկան՝ Սօսէ մայրիկի վառ կերպարը, վկան Արցախեան հերոսամարտի քաջ ու անկոտրում կանայք…

Այսօր խիստ կարեւորում եմ հայ կնոջ մասնակցութիւնը երկրի հասարական-քաղաքական դաշտում եւ կուզէի, որ յատկապէս Արցախի կանայք աւելի ակտիւօրէն մասնակցէին այդ ոլորտին եւ այդ իսկ պատճառով այժմ ՀՕՄի կենտրոնական վարչութիւնը նաեւ ծրագիր ունի՝ ուղղուած հայ կնոջ դերի եւ մասնակցութեան ակտիւացմանը ԼՂՀ վերոնշեալ ոլորտներում: Արցախցի կինը կարող է անել աւելին, քանզի նա իր խելքի, անսպառ եռանդի ու աշխատասիրութեան շնորհիւ դեռ շատ բարձունքներ ունի նուաճելու:

«ԱՊԱՌԱԺ».- Որպէս գեղեցիկ վերջաբան՝ Ձեր բարեմաղթանքները՝ Կանանց, մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօների կապակցութեամբ:

ԲԵԼԼԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.-  Սիրով շնորհաւորելով բոլոր կանանց՝ նշեմ, որ 2010թ.ը Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմից հռչակուել է Հայ կնոջ տարի, ուստի, սիրելի կանայք, շարունակէք պատուով իրագործել Ձեր պատասխանատու ու կարեւոր առաքելութիւնն այս կեանքում, միշտ եղէք գեղեցիկի, վեհի ու կատարեալի խորհրդանիշ հաւատարիմ մնալով հայ կնոջ նուիրական կերպարին:

«Ապառաժ»ի խմբագրութեան կողմէ հարցազրոյցը վարեց ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

Սփիւռքի Նախարարութիւն Եւ Արեւմտահայերէնի Անգրագիտութիւն
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Շուրջ երկու տարի առաջ ստեղծուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական բազմազբաղ կը թուի ըլլալ: Եթէ հայրենի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներով հաղորդուած տեղեկութիւններուն հետեւած էք, պիտի տեսնէք, որ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը երկու տարուան ընթացքին կրցած է լուրջ իրագործումներու հասնիլ: Այստեղ չեմ ուզեր մէկ առ մէկ անդրադառնալ նախարարին ու նախարարութեան կատարած գործերուն, ու տալ անոնց գնահատականը: Այցելեցէ՛ք սփիւռքի նախարարութեան կայքէջը (www.mindiaspora.am) եւ պիտի տեսնէք նախարարութեան տարած աշխատանքին տարողութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Կիրակի օր, սփիւռքի նախարարութեան առաքելութեան կարեւորութիւնը մեր խօսակցութեան գլխաւոր նիւթն էր: Սփիւռքի տարբեր ոստաններէն Հայաստան տեղափոխուած վեց ընտանիք՝ հաւաքուած էինք Դիլիջանի մէջ, Երեւանի խճողուած առօրեայէն կտրուելու եւ Հայաստանի գարունը բնութեան գիրկին մէջ վայելելու նպատակով: Մինչ երեխաները կանաչ մարգագետիններու վրայ կը վազվզէին, մենք հետաքրքրական զրոյց կ՛ունենայինք սփիւռքի նախարարութեան վերջին նախաձեռնութիւններուն եւ ծրագիրներուն մասին: Բոլորս ալ համաձայն էինք, որ բաւական ուշացումով ստեղծուած սփիւռքի նախարարութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի մեր ժողովուրդի երկու հատուածներուն միջեւ մշակութային, տնտեսական եւ այլ կապերու ստեղծման եւ ամրապնդման մէջ: Մեր ընկերուհիներէն Քլարիսը, որ լուռ կը հետեւէր զրոյցին, «վայրկեան մը զիս լսեցէք ըսաւ», եւ պայուսակէն հանեց գրքոյկ մը, ու բոլորիս ցոյց տալով՝ կարդաց վերնագիրը՝ «Հայկական հեքեաթներու աշխարհ»:

- Այս գրքոյկը սփիւռքի նախարարութեան հրատարակութիւնն է, արեւմտահայերէն լեզուով, հաւանաբար սփիւռքահայ երեխաներուն համար,- աւելցուց Քլարիս:

- Վե՜րջապէս,- ըսի ես, բայց Քլարիսը խօսքս ընդհատեց:

- Մէկ վայրկեան, լաւ նպատակը անպայմանօրէն լաւ արդիւնք չի նշանակեր: Լեզուն շատ խեղճ, գրեթէ հասարակ արեւմտահայերէն է, ահաւասիկ օրինակներ,- ըսաւ Քլարիս եւ կարդաց քանի մը նախադասութիւն, որոնցմէ կը մէջբերեմ հետեւեալը.

- Կ՛ըլլայ չըլլար, շատ աղքատ մարդ մը կ՛ըլլայ: Ասիկա կ՛երթայ ձկնորսի մը քով ծառայ կ՛ըլլայ…

- Սիրով աղբար, բայց ասանկ բան մը կայ…

- Ատանկ ալ կ՛ընեն…

- Ատ է նէ, ձին քուռակ է…

- Աղբա՛ր, գոնէ ըսէ դուն ո՛վ ես, որ գիտնանք եւ քու աղէկութեանդ փոխարէն բան մը ընենք:

- Եթէ աղջկանս հետ ամուսնանաս, խնձորին գինը կ՛առնեմ, թէ չէ՝ խնձորը քեզի կ՛ըլլայ, ինծի դրամ պէտք չէ…

- Միւս անգամ ալ գալու ըլլայ նէ՝ չբանաս դուռը.

- Քա ինչո՞ւ կու լաք…

- Անխելքներ ձեզի, ինչո՞ւ նստեր սուգ կ՛ընէք: Կիկոսը պիտի չկենդանանայ եա՛.

- Դուն մի ըսեր, հոտտեղը գողերու եւ մարդասպաններու բոյն էր:

Շարքը չէր վերջանար: Գիրքի իւրաքանչիւր էջ լեցուն էր նմանօրինակ «սխալագրութիւններով»: Արեւմտահայերէնով այսօրինակ հրատարակութիւնները խայտառակութիւն համարելով՝ որոշեցինք պաշտօնապէս բողոքի նամակ գրել սփիուռքի նախարարին: Յայտնապէս, խմբագիրի սխալ ընտրութիւն կատարուած էր:

Նախարարութեան կայքէջը կը նշէ, որ սփիւռքի նախարարութեան ընթացիկ տարուան ծրագիրները կը ներառեն նաեւ «Սփիւռքի հանրակրթական հաստատութիւններուն ուսումնական գրականութեան առաքում»: Յուսամ այս գրքոյկը իբրեւ «ուսումնական գրականութիւն» նկատի առնուած չէ, այլապէս՝ վայ եկեր է արեւմտահայերէն սորվող երեխաներուն գլխուն:

Գրեցէ՛ք ինծի

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Արտագաղթ
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Անցնող քանի մը ամիսներուն շարունակական ճամբորդութիւններու պատճառով ընդհատուեցաւ Հայաստանէն ուղարկած նամակներուս շարքը։ Այսուհետեւ, սակայն, պիտի փորձեմ կարելի եղածին չափ հետեւողական ըլլալ եւ գրել հայրենի իրադարձութիւններուն եւ մեր կեանքի առօրեայ անցուդարձերուն մասին։

Այս շաբաթ որոշած էի գրել հայկական դրամի արժեզրկման, գազի գինի բարձացման եւ սղաճի նոր ալիքին մասին, բայց հազիւ համակարգիչին առջեւ նստած կը փորձէի միտքերս հաւաքել՝ գրասենեակս մտաւ մեր կազմակերպութեան երիտասարդ պաշտօնեաներէն մէկը՝ Միքայէլը, եւ քանի մը վայրկեան ժամանակս խլել ուզեց։ Միքայէլը, կամ ինչպէս մենք կը կանչենք՝ Միքան, համակարգչային ցանցերու մասնագէտ է, լա՛ւ մասնագէտ, պարտաճանաչ եւ աշխատասէր։ Կլիմային, Զատիկին ու երթեւեկութեան մասին քանի մը բառ փոխանակելէ ետք Միքան անցաւ բուն նիւթին.

- Երկու-երեք ամսից ընտանիքով գնում ենք Գանատա, էմիկրիցիայի թղթերը պրծել են, արդէն բժշկական տեղեկանք են ուզում։ Ուզում եմ վաղը ինձ մի քանի ժամ ազատ թողնես, կնոջս ու երեխեքիս հետ գնանք բժշկական քննութեան:

Միքայէլը մեր վեց տարուան պաշտօնեան է, յաճախ շփուած էինք իրարու հետ, խօսած էինք ազգային, ընկերային, քաղաքական ու այլ հարցերու մասին, ուստի գիտէր, որ ո՛չ շնորհաւորական, ոչ ալ քաջալերական խօսքեր պիտի լսէր ինձմէ։ Լուռ սպասեց պատասխանիս։ Իսկ ես գիտէի, որ հայրենասիրութեան մասին դասախօսութիւն տալով՝ պիտի չկարենայի փոխել Միքային որոշումը։ Աշխատանքէն կէս օր բացակայելու արտօնութիւն տուի ու քանդուած տրամադրութեամբ, ի զուր փորձեցի կեդրոնանալ առօրեայ գործերուս վրայ։

Միքան եւ իր կինը, կը մտածէի, կայուն, նոյնիսկ նախանձելի գործ ունին, լաւ աշխատավարձով, դեռ շատ երիտասարդ են, աճելու մեծ հնարաւորութիւն ունին։ Երկու տարի առաջ դրամատունէն վարկ վերցնելով՝ գնած էին իրենց նախասիրած գերմանական ինքնաշարժը, կ՛ուզէին նաեւ յարկաբաժին մը գնել։ Ինչո՞ւ որոշած էին հայր, մայր, հարազատներ, ընկերներ իրենց ետին թողուլ եւ արտագաղթել Գանատա։ Հարցումներս իրեն չուղղեցի, որովհետեւ գիտէի իր պատասխանները, իր արդարացումները, շատերէ լսած էի արդէն։ «Էս երկրում վստահութիւն չկայ, ապահովութիւն չկայ, արդարութիւն չկայ, երեխեքիս ապագայ չկայ», պիտի ըսէր ու հազարումէկ ապացոյցներով պիտի փորձէր հիմնաւորել իր պատճառաբանութիւնները։

Երեկոյեան, ընկերներուս հետ սուրճի հերթական հանդիպման ժամանակ պատմեցի Միքային մասին։ Այլ ընկեր մը տեղեկացուց, որ ըստ ՄԱԿի պաշտօնական տուեալներուն, անցեալ տարի միայն 6226 հայաստանցի, ապաստանեալի իրաւունք խնդրած է Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներէն։ Այլ ընկեր մը պատմեց իրենց շէնքէն չորս ընտանիքներու արտագաղթին մասին։ Մտահոգութիւնը մէկ էր. Հայաստանէն արտագաղթը կանգ չէ առած, թէեւ կառավարութեան տուեալները հակառակը կը հաւաստիացնեն։ Սովի եւ թշուառութեան պատճառով ծայր առած արտագաղթը ինչ որ չափով հասկնալի է, բայց երբ մարդիկ կը մեկնին, որովհետեւ կորսնցուցած են հայրենիքի հանդէպ հաւատքն ու յոյսը, ասիկա արդէն ընկերաբանական եւ քաղաքական, հոգեբարոյական լուրջ տագնապի գոյութիւնը կ՛ազդարարէ։ Եւ պէտք չէ մեղադրանքի մատը ուղղել միայն մեկնողներուն, այլ նաեւ անոնց, որոնք ստանձնած են ժողովուրդին ճակատագիրը տնօրինելու պարտականութիւնը։

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Ախտաճանաչումը Ճիշդ, Դեղատոմսը՝ Թերի
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն, Հայաստանի տնտեսութեան անկումը Հոկտեմբեր–Նոյեմբեր ամիսներուն եղած է 16 առ հարիւր։ Այս տարուան առաջին կիսամեակին՝ տնտեսութեան անկումը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, հասած էր 18.5 առ հարիւրի։ Եթէ բաղդատենք առաջին կիսամեակի տուեալները վերջին եռամսեակի տուեալներուն հետ, պիտի մտածենք, որ Հայաստանի տնտեսութեան արագընթաց անկումը սկսած է դանդաղիլ։

Ըստ տնտեսագէտներուն, յառաջիկայ երկու տարիներուն տնտեսութիւնը դարձեալ պիտի սկսի աճ արձանագրել։ Այս կարծիքին են նաեւ Համաշխարհային դրամատան մասնագէտները, որոնց հաշուարկներուն համաձայն, Հայաստանի տնտեսութիւնը 2010 եւ 2011 տարիներուն յաջորդաբար 1.5 եւ 3 առ հարիւր տնտեսական աճ պիտի արձանագրէ։ Սա կը նշանակէ, որ միջազգային ֆինանսական տագնապին պատճառով սկսած տնտեսական անկումը շուտով վերջ պիտի գտնէ եւ Հայաստան դանդաղ քայլերով տնտեսական վերելքի ժամանակաշրջան մը պիտի մտնէ։

Համաշխարհային դրամատան մասնագէտները վերջերս նաեւ սկսած են յիշեցնել, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը շատ աւելի արագ պիտի վերականգնի եւ շատ աւելի մեծ քայլերով առաջընթաց պիտի արձանագրէ, եթէ իշխանութիւնները քաղաքական կամք դրսեւորեն եւ կարողանան լուրջ բարեփոխումներ իրականացնել։

Համաշխարհային դրամատան եւ Միջազգային Արժութային ֆոնտին գործունէութեան հանդէպ շատեր կրնան վերապահութիւն ունենալ։ Շատերու նման ես ալ կը հաւատամ, որ ի վերջոյ, վարկ ու պարտք տրամադրող հաստատութիւնները նաեւ քաղաքական ու ֆինանսական նախապայմաններ կը պարտադրեն, որոնք երբեմն այդքան ալ հաշտ չեն ըլլար տուեալ երկրի ազգային շահերուն։ Հակառակ այս իրողութեան, չեմ կրնար չհամաձայնիլ Համաշխարհային դրամատան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն՝ Արիսթոմէնէ Վարուտաքիսի կարգ մը միտքերուն հետ, որոնք այդքան ալ անդրադարձ չգտան Հայաստանի պաշտօնական եւ կիսապաշտօնական մամուլին մէջ։ Արդարեւ, Վարուտաքիս վերջերս բազմիցս յայտարարած է, որ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ամուր հիմերու վրայ պիտի դրուի միայն երբ.

– Վերջ դրուի կաշառակերութեան եւ փտածութեան, մանաւանդ հարկային եւ մաքսային ծառայութիւններուն մէջ։

– Վերացուի «Օլիկոփոլիան», այսինքն՝ վերջ դրուի սակաւապետութեան,

– Իշխանութիւնները բարեփոխման նոր քայլերով բարելաւեն ներդրումներու մթնոլորտը։ Քայլեր, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ նուազեցնել ենթակուռուցուածքային ծախսերը եւ բարեկարգել ներդրումներու վերաբերող բոլոր օրէնքները։

Ի միջի այլոց ըսեմ, որ Վարուտաքիսի կարծիքները նորութիւն չեն եւ ան մեծ յայտնաբերում մը չէ, որ կը կատարէ։ Հայաստանի վարչապետը եւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւս նոյնօրինակ կարծիքներ յայտնած են։ Այս մասին գիտեն նաեւ տնտեսագիտութիւն ուսանող Հայաստանի պետական համալսարանի առաջին «կուրս»ի աշակերտները։ Տնտեսութեան աճը խոչընդոտող հանգամանքներուն մասին շատ աւելի գիտական ախտաճանաչում կատարած են վերոյիշեալները։

Դժբախտաբար, սակայն, անոնց կատարած ախտաճանաչումը ճիշդ ըլլալով հանդերձ, առաջարկած դեղատոմսերը՝ եղած են ու կը մնան թերի։ Իսկ թերի դեղատոմսերուն պատճառը հասկնալու համար, խօսքը դարձեալ տամ Վարուտաքիսին.

«Սա կը պահանջէ քաղաքական կամք, որպէսզի բացայայտուին այն կապերը, որ գոյութիւն ունին օլիկոփոլիաներուն եւ որոշ պաշտօնեաներուն միջեւ, որպէսզի բացառուին այժմս գոյութիւն ունեցող շահերու բախման իրավիճակները»։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Ամանորի Նախօրեակին
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Այս օրերուն արտասովոր երուզեռ մը սկսած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն՝ գիւղերէն ու քաղաքներէն հազարաւոր մարդիկ մայրաքաղաք կու գան, մեծաքանակ ու փոքրաքանակ ապրանք, ուտեստեղէն եւ նուէրներ գնելու։ Բոլորն ալ այս օրերուն մոռցած են ընկերատնտեսական ու քաղաքական հարցերը եւ կլանուած են ամանորի նախապատրաստական աշխատանքներով։

Սահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն համար գլխաւոր մտահոգութիւնը անհրաժեշտ գումարը ճառելն է, որպէսզի գոնէ տարին մէկ անգամ, Ամանորի գիշերը, կարենան ճոխ սեղան ունենալ եւ նուէրներով ուրախացնել իրենց սիրելիները։ Նորելուկ մեծահարուստներուն համար, տան մէջ սեղան պատրաստելը վաղուց կորսնցուցած  է իր հմայքը։ Անոնք Տուպայի, Եգիպտոսի եւ նոյնիսկ Թայլէնտի ու Մալիի հինգ աստղանի հիւրանոցներուն մէջ տեղ ապահովելու վազքին մէջ են։ Ամրան սկիզբը, Հայաստանի վարչապետը կառավարութեան անդամներուն եւ մեծահարուստներուն թելադրեց ամառնային արձակուրդներուն համար օտար երկիրներ չմեկնիլ եւ նախընտրել Հայաստանի եւ Ղարաբաղի գեղատեսիլ շրջանները։ Խօսք մտիկ ընող չեղաւ եւ հաւանաբար այս պատճառով, վարչապետը Ամանորէն առաջ նոյնօրինակ խրատներ տալու համարձակութիւն չունեցաւ, թէեւ բոլորին աւետեց, որ Դեկտեմբեր 31էն մինչեւ Յունուար 10ը պաշտօնական արձակուրդ է։

Նոր Տարուան գնումներ կատարողներուն համար զարմանալի չէ նաեւ այն, որ Ամանորէն առաջ ուտեստեղէնի եւ սպառողական ապրանքներու գիները զգալիօրէն բարձրացած են։ Մարդիկ կարծես արդէն համակերպած են վաղուց աւանդոյթ դարձած այն իրողութեան, որ Նոյեմբեր–Դեկտեմբեր ամիսներուն վաճառականները պիտի բարձրացնեն բանջարեղէնի, կանաչեղէնի, մսեղէնի եւ պտուղներու գիները։ Հակառակ այս համատարած սղաճին, շուկաները կը վխտան հազար ու մէկ ապրանք գնելու եկած յաճախորդներով, իսկ Երեւանի փողոցները, խանութներու եւ ճաշարան–սրճարաններու ցուցափեղկերը կը պսպղան տօնական օրերուն յատուկ լոյսերով ու զարդարանքներով։

Ըսեմ նաեւ, որ Նոր Տարուան տօնակատարութիւնը մէկ օրուան իրադարձութիւն չէ Հայաստանի մէջ, այլ անիկա կ՛երկարի մինչեւ Յունուար 12–13։ Այս ժամանակաշրջանին բոլորին սեղանները կը մնան ճոխ ու բաց՝ բոլոր այցելուներուն առջեւ անխտիր։ Հարազատներ, բարեկամներ, ընկերներ, հարեւաններ ու ծանօթներ զիրար կ՛այցելեն, նուէրներ կը փոխանակեն ու բաժակ բարձրացնելով՝ ուրախ Նոր Տարի եւ ամենայն բարիք կը մաղթեն իրար։

Քանի մը շաբաթէն պիտի անհետանան փողոցներու եւ շուկաներու մէջ ստեղծուած խճողումները։ Տօնական օրերը, գէթ կարճ ժամանակի մը համար, մոռցնել պիտի տան քաղաքական հարցերը, անհասկնալի թանկացումները, ֆինանսական–տնտեսական ճգնաժամին յառաջացուցած դժուարութիւնները, տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները։

Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը յոյսի ու հաւատքի տօներ են։ Յոյսն ու հաւատքը պիտի արտացոլան բոլոր սեղաններուն շուրջ, բոլոր բաժակաճառերուն մէջ, բոլորի մաղթանքներուն, շնորհաւորական խօսքերուն ու բարեմաղթութիւններուն մէջ։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Հայաստանի Թշնամիները (2)
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ անցեալ շաբթուան նամակիս նիւթը Լիբանանցի Ֆատիին պատմութիւնն էր, որ մնացած էր կիսաւարտ։ Շարունակութիւնը խոստացած էի ներկայացնել այսօրուան սիւնակով։ Ֆատին տարիներ առաջ Երեւանի մէջ հիմնած էր ընկերութիւն մը, որ գլխաւորաբար կը զբաղէր Հայաստանի մէջ չարտադրուող միրգերու ներածումով։ Հիմա, սակայն, ան կը պատրաստուէր վերադառնալու Լիբանան, որովհետեւ, իր բառերով՝ «Հայաստանի թշնամիները» խանգարած էին իր գործունէութիւնը։

Խումբ մը ընկերներով Օրեկանօ ճաշարանի մէկ անկիւնը տեղաւորուած, մոռցանք մեր ամէնօրեայ նիւթը՝ հայ–թրքական յարաբերութիւնները, եւ լսեցինք Ֆատիին։ Ան պատմեց, որ տարիներ շարունակ դիմացած է բազմաթիւ դժուարութիւններու, արդար եւ անարդար մրցակցութիւններու, լաւ հասկցած է Հայաստանի մէջ առեւտուր ընելու խաղին կանոնները եւ հակառակ յաճախակի խոչընդոտներուն՝ կրցած է յաջող եւ շահաբեր գործունէութիւն ծաւալել։

Վերջին քանի մը ամիսներուն, սակայն, դժուարութիւնները դարձած են անյաղթահարելի։ Ամէն անգամ, որ ան փորձած է իր բերած միրգերը բաժնել Երեւանի եւ շրջաններու առեւտրականներուն, «անծանօթ մարդիկ» հետեւած են իր ընկերութեան փոխադրակառքերուն, ապա սկսած են սպառնալ իրմէ պտուղ գնող վաճառականներուն, այլեւայլ տեսակի ճնշումներ սկսած են գործադրել անոնց վրայ։ Ինք փորձած է դիմանալ, անտեսել եւ շարունակել։ Որքան դիմացած է այս դժուարութիւններուն եւ փորձած է անտեսել զանոնք, այդքան աւելի շատցած են ճնշումները։ Իր ընկերութեան պատկանող սառնարանները սկսած են զրկուիլ հոսանքէ, անբացատրելի եւ անհասկնալի պատճառներով փճացած են անոնց շարժակները։ Վերջ ի վերջոյ իրեն համար յստակ դարձած է պատգամը՝ թո՛ղ եւ հեռացի՛ր։ Փորձած է կառավարութեան մէջ ծանօթ մարդոց միջամտութեամբ հարցերը լուծել։ Պատասխանը եղած է պարզ եւ յստակ՝ «Մենք չենք կրնար բան մը ընել։ Սա արդէն մեզմէ շատ աւելի վեր է»։ Ի վերջոյ այսպէս կոչուած գործարարներ մօտեցած են իրեն, առաջարկած են գնել իր ունեցած–չունեցածը եւ նուազագոյն գումար մը վճարելով, վերջ դրած են իր գործունէութեան։

«Հիմա տեսաք, թէ նաեւ ովքե՞ր են Հայաստանի թշնամիները։ Թուրքերը ձեր երկիրը շրջափակած են դուրսէն, իսկ ներսէն՝ այս մարդիկը։ Ապագային թուրքերու հետ սահմանը կրնայ բացուիլ, իսկ պիտի կրնա՞ք ներքին սահմանները ապաշրջափակել, որպէսզի ժողովուրդը մի քանի մարդոց ձեռքը պատանդ չմնայ, որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ կարենայ ազատօրէն զբաղիլ իր սիրած գործունէութեամբ, արհեստով, առեւտուրով…», յուզուած ձայնով հարց տուաւ լիբանանցի բարեկամս։

Նորութիւն չէր Ֆատիի եւ իր նման մարդոց պատմութիւնը։ Հայաստանի տնտեսութեան հետ սեփական ագարակի պէս վարուող, ամբողջ Հայաստանի առեւտուրը մենաշնորհի վերածած, «վերերէն» հովանաւորուող այսպէս ըսուած օլիգարխներու խմբակին մէկ այլ սխրագործութեան վառ օրինակն էր պարզապէս։

Ճաշարանէն դուրս ելանք բաւական անտրամադիր եւ ճանապարհին վէճի նիւթ դարձաւ Ֆատիի պատմութիւնը։ Ամէն անգամ, որ մտածեմ Ֆատիի պատմածին մասին, ես ինծի հարց կու տամ՝ ո՞ր թշնամին աւելի վտանգաւոր է:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Հայաստանի Թշնամիները
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Հիմա արդէն խո~ր աշունը իր տիրական ներկայութիւնը հաստատած է Հայաստանի մէջ եւ մարդիկ կը պատրաստուին Ամանորին եւ ձմրան։ Շուկաները սկսած են խճողուիլ հազար ու մէկ գնումներու ելած քաղաքացիներով։ Այս օրերուն, հասարակ ժողովուրդը այնքան ալ քաղաքականութեամբ հետաքրքուած չի թուիր ըլլալ։ Ամանորը ուր որ է՝ պիտի հասնի, եւ բոլորին մտահոգութիւնը անհրաժեշտ գումարը գոյացնել է, որպէսզի կարելի ըլլայ գէթ Նոր Տարին դիմաւորել ճոխ սեղաններով ու նուէրներով։

Անցեալ շաբաթավերջին արտասահմանէն ժամանած խումբ մը ընկերներ ուզեցին քանի մը յուշանուէրներ գնել՝ Նոր Տարուան առիթով արտերկրի իրենց ծանօթներուն նուիրելու համար։ Գացինք Երեւանի հանրածանօթ վերնիսաժ  կոչուող բացօթեայ շուկան, ուր կարելի է գտնել գրեթէ ամէն ինչ։ Մանր մունր գնումներ կատարելէ ետք որոշեցինք ընթրել շուկայի ճիշդ կողքին գտնուող եւ վերջերս բացուած «Օրեկանօ» ճաշարանին մէջ, որուն տէրերէն մէկը գանատահայ բարեկամ մըն է։ Ընկերներս երեւի յոգնած էին ամէն օր խորոված ուտելէ եւ յայտնապէս կարօտցած էին միջերկրականեան երկիրներու յատուկ ճաշերը։

Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթը, բնականաբար, հայ–թրքական յարաբերութիւններէն զատ այլ բան չէր կրնար ըլլալ։ Բարձրաձայն կը վիճէինք եւ ճիշդ ու սխալ վերլուծումներ կ՛ընէինք, առանց անդրադառնալու, որ արդէն սկսած ենք խանգարել պատառ մը համեղ ճաշ ուտելու եկած՝ բաւական լուրջ այդ ճաշարանի յաճախորդները։ Տաք վիճաբանութեան մէջ էինք, երբ մեզի մօտեցաւ տարիներ առաջ Լիբանանէն Հայաստան տեղափոխուած ծանօթներէս մէկը՝ Ֆատին։ «Յայտնի է որ հայ–թրքական յարաբերութիւներու մասին կը խօսիք։ Ամէն անգամ որ դուրսէն եկած հայերու հանդիպիմ, ուրիշ նիւթ չունին», ըսաւ ան կատակով։ Ֆատին, հայաստանցի իր գործընկերոջ հետ, կը զբաղի Հայաստանի մէջ չգտնուող միրգերու ներածումով։ Ծանօթացուցի զինք ընկերներուս եւ հարցուցի գործերուն մասին։

«Շուտով Լիբանան պիտի վերադառնամ», ըսաւ ան։ «Ընկերութիւնը, զոր վեց տարի առաջ հիմնադրած էինք, կը փակենք արդէն»։

«Գործերը վա՞տ են», հարց տուաւ սեղանակիցներէս մէկը։

Ֆատին բացատրեց, որ իր գործերը երբեք ալ վատ չեն եղած։ Ընդհակառակը, տարիէ տարի ներածումները աւելցած են, նոյնպէս եւ շահոյթը։ Անշուշտ, ինչպէս ոեւէ այլ գործարար, լուրջ խնդիրներ ունեցած է հարկային եւ մաքսային վարչութիւններուն հետ, բայց գտած է անոնց հետ «եոլա երթալու» ձեւը։ Մրցակցութիւնն ալ օգտակար եղած է, քանի որ ստիպուած մտածած են յաճախորդները գոհ պահելու մասին։ «Իսկ ինչու՞ կը մեկնիք» մեր հարցումին՝ չուզեց պատասխանել, աւելի ճիշդը՝ խուսափեցաւ պատասխանելէ եւ սկսաւ աւելի ցած, գրեթէ շշնջելով խօսիլ։

Բնականաբար իր խուսափողական պատասխանները մեր հետաքրքութիւնը ալ աւելի սրեցին։ «Դէ լաւ, համը մի հանի, հէնց–ընենց մարդիկ էս երկրից չեն գնում, մանաւանդ փող աշխատող մարդիկ։ Ասա ինչ ա եղել, ինչի՞ ես մեկնում», գրեթէ հրամայական շեշտով հարցուց մեզի ընկերակցող Երեւանցի Դաւիթը։

«Հայաստանի թշնամիները չեն թողնում աշխատեմ», արեւելահայերէնով պատասխանեց Ֆատին։

«Թուրքե՞րը», միաբերան հարցուցինք մենք։

«Ոչ, միւս թշնամիները», ըսաւ ան եւ սկսաւ պատմել իր գլուխէն անցած դարձածը։

Այս մասին սակայն՝ յաջորդ շաբաթ։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Նոր Բնակարանը
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Թորոնթոյէն վերջերս Երեւան ժամանած ընկերս՝ Ստեփանը, շուրջ տարի մը առաջ մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ կառուցուող շէնքերէն յարկաբաժին մը գնած էր: Հիմա եկած էր տեսնելու թէ ո՞ւր հասած էր շինարարութիւնը եւ ե՞րբ պիտի կարենար կահաւորել իր նոր տունը: Միասին գացինք շինարարին գրասենեակը անհրաժեշտ տեղեկութիւները ստանալու համար: Շինարարը բացատրեց, որ բնակարանը պատրաստ պիտի ըլլայ քանի մը ամիսէն. «Մարտին որ գաք, ամէն ինչ պատրաստ կը լինի, կարող էք արդէն զբաղուել բնակարանի կահաւորումով»:

Ստեփան հետաքրքուած էր նաեւ բնակարանի ներքին յարդարումով, օգտագործուելիք ապրանքերու տեսակով ու որակով:

«Հայաստանի շուկայում շինարարական նիւթերը ընդհանրապէս գալիս են Իրանից եւ Թուրքիայից», բացատրեց շինարարը:

«Խնդրեմ, տանս մէջ թրքական ապրանք մի դնէք, ինչպէ՞ս կարելի է թրքական ապրանք օգտագործել», վրդոված պատասխանեց թորոնթոհայ ընկերս:

«Լաւ, հիմա ի՛նչ անենք, որ սաղ Հայաստանը թրքական ապրանք է լցուած: Գներն էլ աւելի յարմար են, որակն էլ վատը չի» փորձեց չքմեղանալ շինարարը:

Ստեփան համոզուողը չէր, վիճիլն ալ իմաստ չունէր: Շինարարին մօտէն դուրս եկաւ խառն զգացումներով: Ուրախ էր, որ Մարտին արդէն պիտի ունենար իր սեփական տունը հայրենիքի մէջ, բայց չէր կրնար պատկերացնել, որ բնակարանին մէջ օգտագործուող նիւթերը թրքական պիտի ըլլային: «Այդպէս բան կ՛ըլլա՞յ, ըսէ՛ հիմա: Աշխարհի մէջ թրքական ապրանքէն զատ ուրիշը չկա՞յ: Եթէ արդէն ամէն բան Թուրքիայէն կը բերեն, սահմանը բանալու ի՞նչ կարիք կայ», անդադար հարց կու տար ան, զիս ալ մեղադրելով, որ իրեն չափ բարկացած չեմ եւ Հռոմի մէջ ապրելով հռոմայեցի եղած եմ:

Ընկերոջս տրամադրութիւնը փոխելու համար որոշեցի գիշերը Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպի բեմականացման հրաւիրել զինք: Երեկոյեան Սունդուկեանի անուան թատերասրահի լաւագոյն նստարանները գրաւեցինք եւ մեծ հետաքրքութեամբ հետեւեցանք թատրերգութեան: Իմ համեստ կարծիքով, շատ թոյլ, խեղճուկրակ ներկայացում մըն էր պատրաստուածը,  արուեստի առումով անարդարութիւն մը՝ Վերֆէլի հզօր վէպին հանդէպ: Ստեփան, սակայն, որ իր նոր գնած բնակարանը Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած ըլլալու հոգեկան տագնապը կ՛ապրէր, ամբողջութեամբ ա՛յլ աչքերով կը դիտէր թատրոնը: Ամէն անգամ, որ բեմին վրայ թրքական վայրագութիւնները ներկայացնող արարք մը տեսնէր, ականջիս կը փսփսար. «Տեսա՞ր, տեսա՞ր շունշանորդիները: Դեռ զիս մի՛ համոզէք որ թրքական ապրանք լեցնեն տունս: Չ՛ըլլար եղբա՛յր, չ՛ըլլար»:

«Բայց, Ստեփա՛ն, այս խեղճ բեմականացումը Մուսա լերան հանդէպ, Ֆրանց Վերֆէլի վէպին հանդէպ գործուած անարդարութիւն է», կ՛ըսէի ես:

«Ի՞նչ անարդարութիւն: Անարդարութիւնը՝ իմ տունս թրքական ապրանքով շինե՛լն է: Մէյ մը թող գան այս թատրոնը տեսնեն եւ հասկնան անարդարութիւնը ո՞ւր է: Չի բաւեր թուրքերուն դէմ կռուեցանք, հիմա ալ հայ շինարարներուն դէ՞մ պիտի կռուինք», բարկացած կը պատասխանէր ան, անգիտակցաբար զուգահեռ մը գծելով Մուսա լերան հերոսամարտին եւ թրքական ապրանքներու դէմ իր պայքարին միջեւ:

Քանի մը ամիսէն Ստեփան դարձեալ Հայաստան պիտի գայ՝  իր նոր տունը կահաւորելու: Չեմ գիտեր ի՞նչ շինանիւթ օգտագործուած պիտի ըլլայ իր տան մէջ՝ պարսկակա՞ն, թրքակա՞ն, թէ՞ չինական: Կարեւորը այն է, որ Ստեփանը հայրենիքի մէջ տուն ունի, հայրենիքի մէջ պիտի ապրի եւ պիտի կարենայ իր տարակարծութիւնը բարձրաձայն արտայայտել:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Հարցումներ
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններու ստորագրումը մեծ ուշադրութեան արժանացաւ միջազգային մամուլին կողմէ։ Ստորագրութեան թուականէն՝ 10 Հոկտեմբերէն  առաջ ու յաջորդող քանի մը օրերուն, աշխարհի չորս ծագերէն Երեւան ժամանած էին մեծ թիւով լրագրողներ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կ՛այցելէին Հայաստան–Թուրքիա սահմանային գօտին, տեսակցութիւններ կ՛ունենային քաղաքական դէմքերու, սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ապրող գիւղացիներու, սփիւռքահայերու եւ քաղաքագէտներու հետ։

Հոկտեմբեր 9ի գիշերը, արձանագրութիւններու ստորագրութենէն մէկ օր առաջ, հարազատներով եւ ընկերներով հաւաքուած էինք Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ եւ բնականաբար հայ–թրքական արձանագրութիւններու մասին տաք վէճեր կ՛ունենայինք, երբ մեզի մօտեցաւ Նորվեկիոյ պատուոյ հիւպատոս Թիմ Սթրայթը եւ իբրեւ հին ծանօթ, ականջիս փսփաց հետեւեալը. «Հետս Նորվեկիայէն լրագրող մը եկած է։ Առաջին անգամ ըլլալով է որ Հայաստան կու գայ եւ շատ կը փափաքի հանդիպիլ նաեւ սփիւռքահայերու։ Արդեօք կարելի՞ է ձեր սեղանին միանալ եւ զրուցել ձեզի հետ։ Անկիւն մը կը նստինք եւ կողմնակի կը մասնակցինք զրոյցին։ Մեր ճաշը մենք կը պատուիրենք ու կը վճարենք…»

Առաջարկը ներկայացուցի սեղանակիցներուս, բառացիօրէն կրկնելով Թիմի խօսքերը։ Բնականաբար բոլորն ալ համաձայնեցան, իսկ տղամարդիկը, արեւելքցիի յատուկ «էրքէկ»ութեամբ պնդեցին, որ նորվեկիացիները մեր հիւրերն են եւ ընթրիքի ծախսին մասնակցելու մասին անգամ մըն ալ խօսք պէտք չէ ընեն։ Երկու վայրկեան չանցած Ասթրիտ անունով լրագրողը արդէն ի վիճակի չէր նօթագրելու իր հարցումներուն պատասխանները եւ յաճախ ստիպուած կ՛ըլլար ուսուցիչի մը նման կարգի հրաւիրելու իր խօսակիցները, որպէսզի կարողանար գրի առնել աջէն ու ձախէն արտայայտուող կարծիքները։ Մեր պատասխաններէն աւելի, այստեղ կ՛ուզեմ ձեզի ներկայացնել Ասթրիտի հարցումները, որոնք ուղղուած էին ոչ միայն մեզի՝ սեղանին շուրջ հաւաքուածներուս, այլ, ինչպէս որ լրագրողը ի՛նք դիտել կու տար, իւրաքանչիւր սփիւռքահայու ընդհանրապէս։

– Ինչո՞ւ այդքան դէմ կ՛արտայայտուիք արձանագրութիւններուն։ Չէ՞ք կարծեր, որ Թուրքիոյ հետ ձեր հարցերու լուծումը, ներառեալ Ցեղասպանութեան հարցը, երկխօսութեամբ աւելի հեշտ կ՚ըլլայ լուծել։

– Անկախութենէն ետք, աւելի քան մէկ միլիոն հայ հեռացած է Հայաստանէն։ Քանի՞ հայ ներգաղթած է Հայաստան։ Եթէ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ եւ հողային փոխ-հատուցման պատրաստակամութիւն յայտնէ, քանի՞ սփիւռքահայ պատրաստ է վերադառնալու պապենական հայրենիք։ Ի՞նչ պիտի ըլլան ձեր պահանջած հողերուն վրայ ապրող աւելի քան 20 միլիոն քիւրտերու եւ թուրքերու ճակատագիրը։

– Ի՞նչ պիտի ըլլայ Սփիռւքի յաջորդ քայլը, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը ընդունին արձանագրութիւնները, բանան սահմանները, եւ գործադրեն համաձայնութեան բոլոր կէտերը, ներառեալ պատմական հարցերու քննարկման ենթայանձնաժողովի ստեղծումը։

– Փաստօրէն խոր վիհ մը սկսած է առաջանալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Հայաստանի նախագահին դէմ սփիւռքահայերու ցոյցերը աւելի կրքոտ էին, քան վերջերս Փարիզ կամ Պէյրութ այցելած թուրք պետական այրի դէմ կազմակերպուած որեւէ ցոյց։ Սփիւռքը պիտի դադրեցնէ՞ Հայաստանի տրամադրած քաղաքական նեցուկը, տնտեսական օժանդակութիւնները, ներդրումները։

– Ցեղասպանութիւնը, ըստ ինծի, սփիւռքահայութեան ինքնութեան հիմնաքարն է։ Ի՞նչ պիտի պատահի այդ ինքնութեան, եթէ երբեւէ Թուրքիա ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Երեք Տարեկան Արամը, 2791 Տարեկան Երեւանը Եւ Հայ–Թրքական Արձանագրութիւնները
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Շաբաթ, 10 Հոկտեմբերը կրտսեր տղուս՝ Արամի ծննդեան երրորդ տարեդարձի օրն էր։ Վաղուց որոշած էինք ընկերներով ու հարազատներով հաւաքուիլ Երեւանի մանկական սրճարաններէն մէկուն մէջ եւ յատուկ շուքով նշել Արամիկին անկիւնադարձային այս թուականը։ Երեկոյեան ժամերուն երեխաներէ, բարեկամներէ եւ հարազատներէ կազմուած պատկառելի բազմութիւն մը արդէն հաւաքուած էր «Մատակասքար» մանկական սրճարանին մէջ եւ բոլորն ալ խանդավառութեամբ կը հետեւէին փոքրիկներու խաղերուն եւ անմեղ չարաճճիութիւններուն։ Նոյն օրը Ցիւրիխի մէջ պիտի ստորագրուէին հայ–թրքական արձանագրութիւնները, եւ բնական էր որ տարեդարձի սեղանին շուրջ հաւաքուածները անպայման պիտի անդրադառնային այս իրադարձութեան։ Կէս ժամ չանցած, արդէն տաք վէճ սկսած էր սեղանին շուրջ նստած տղամարդոց միջեւ։ Երախայ ու տարեդարձ մոռցած, բոլորս ալ բարձր ձայնով հայ–թրքական յարաբերութիւնները կը վերլուծէինք։

«Արա՛, ինչի՞ց ենք վախենում։ Ուզում են Ցեղասպանութեան փաստը ուսումնասիրող պատմաբանների ենթայանձնաժողո՞վ ստեղծեն, թո՛ղ անեն։ Դրա մէջ վախենալիք ի՞նչ կայ։ Հօ փաստերը չեն փոխուելու», դիտել կու տար Արմէնը, որ ոչ մէկ սխալ բան կը տեսնէր արձանագրութիւններուն մէջ։

«Հարցը միայն ենթայանձնաժողովը չէ, այլ հայ–թրքական սահամաններու ճանաչումը։ Ի՞նչպէս հող պիտի պահանջենք Թուրքիայէն։ Սա արդէն Հայ Դատի  վերջն է», բարկութեամբ կը շեշտէր քանի մը տարի առաջ Պէյրութէն Հայաստան տեղափոխուած Սեւակը։

«Ի~նչ հող, ինչ բան։ Այսքան հող ազատագրեցինք Արցախի կռիւներուն, քանի՞ հոգի եկաւ հոն ապրելու։ Նախ քան հող ուզելը, ունեցածնիս պահելու մասին մտածենք։ Հայաստան մարդ չմնաց, հողերը պարապ են, հիմա ալ ելեր թրքաբնակ եւ քրտաբնակ հողերը կը պահանջենք», հեգնանքով կը նշէր Հալէպահայ Յովիկը։

«Լաւ է՛լի, երեխու ծնունդը հարամեցիք։ Ոնց որ դուք էիք, հա՞, որոշելու արձանագրութիւնների ճակատագիրը։ Ռուսաստանն ու Ամերիկան համաձայնել պրծել են։ Դուք ի՞նչ կարաք անէք։ Թողէ՛ք մի քիչ քէֆ անենք, ծնունդի ենք եկել։ Հարց ունէք, գնացէք Ցիւրիխ…», կը միջամտէր Սուրիկը։

Բարի տարեդարձ երգելէ եւ կարկանդակը կտրելէ ետք բոլորս շտապ վերադարձանք տուն՝ պատկերասփիւռէն արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան հետեւելու նպատակով։

Արդէն գիշեր էր եւ Երեւանի ճանապարհները արտակարգօրէն լուսաւորուած ու զարդարուած էին։ Մոռցեր էինք, որ յաջորդ օր ամբողջ քաղաքը պիտի նշէր Երեւանի 2791րդ տարեդարձը։ Բայց փողոցներու լուսաւորումն ու զարդարանքը տօնական այնպիսի մթնոլորտ ստեղծեր էին, որ կարծէք Հայաստան կը նշէր իր պատմութեան ամենէն մեծ իրադարձութիւններէն մէկուն տարեդարձը։ Յաջորդ օր ամբողջ քաղաքը տօնախմբութիւններու մէջ էր՝ աննախընթաց մակարդակով։ Երգ, պար, տօնավաճառներ՝ քաղաքի իւրաքանչիւր փողոցի անկիւնը։ Երեւանը 2791 տարիներու իր գոյութեան ընթացքին այսպիսի տօնախմբութիւն չէր տեսած։ Հակառակ տնտեսական ծանր վիճակին, միլիոններ ծախսուած էր ժողովուրդին անգամ մը եւս յիշեցներու, որ Երեւանը դարձած է 2791 տարեկան։ Իսկ տղաս, Արամը, շարունակ հարց կու տար, որ այս բոլորը արդեօք իր տարեդարձին առիթո՞վ էր։ Այո՛, կը պատասխանէի, բայց միեւնոյն ժամանակ ես ինծի հարց կու տայի, թէ ինչո՞ւ ճիշդ ա՛յս տարի, Երեւան–Երեբունիի տարեդարձը կը նշուէր այսքան փառաւոր կերպով, շքեղ ու աննախընթաց հանդիսութիւններով։

2791 տարի առաջ, այսօր, ուրարտացիներու Արգիշտի Ա. թագաւորը հիմնեց Էրեբունին, որ հետագային կոչուեցաւ Երեւան։ Երեք տարի առաջ, այսօր, Երեւանի Էրեբունի հիւանդանոցին մէջ կրտսեր երախաս՝ Արամը, լոյս աշխարհ եկաւ։

Տարիներ  ետք, երբ Արամը մեծնայ, ի՞նչ յիշատակ պիտի ունենայ իր երրորդ տարեդարձէն, Երեւանի տօնախմբութիւննե՞րը, «Մատակասքար»ի մէջ իր ստացած նուէրնե՞րը, թէ իր հօր եւ ընկերներուն ունեցած անհասկնալի, բայց տաք վէճերը…։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

HIV/AIDS-ի Հարցերը Հայաստանի Մէջ
Վաղուց խոստացած էի այս սիւնակով անդրադառնալ Հայաստանի մէջ HIV/AIDS-ի հարցերուն։ Ընթերցողները թող ներողամիտ ըլլան խոստումիս տէր չկանգնելուն համար։ Վերջերս, սակայն, գործիս բերումով, այցելեցի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան ՁԻԱՀի (AIDS) Կանխարգիլման հանրապետական կեդրոն եւ տեսակցութիւն մը ունեցայ կեդրոնի տնօրէն, փրոֆ. Սամուէլ Գրիգորեանի հետ։ Մեր տեսակցութիւնը աւարտեցաւ հարցազրոյցով մը, զոր կ՛ուղարկեմ այս գրութեան հետ եւ վստահ եմ, որ շուտով կը կարդաք թերթի էջերէն։ Ըսեմ, որ ես ալ շատ բան սորվեցայ այս հանդիպումէն եւ հարցազրոյցէն։ Մինչեւ հարզացրոյցի տպագրումը, ձեզի կը փոխանցեմ հետեւեալ տեղեկութիւնները, յուսալով, որ այս ձեւով պիտի կարենամ նաեւ արթնցնել ձե՛ր հետաքրքրութիւնը՝ մեր հայրենիքէն ներս գոյութիւն ունեցող HIV/AIDS-ի հարցերուն նկատմամբ։

Հայաստանի մէջ AIDS-ի թարգմանութիւնը ՁԻԱՀ է, այսինքն՝ Ձեռքբերովի Իմունային Անբաւարարութեան Հիւանդութիւն, իսկ HIV-ի թարգմանութիւնը՝ ՄԻԱՎ, այսինքն՝ Մարդու Իմունային Անբաւարարութեան Վիրուս։ Հայաստանի մէջ ՄԻԱՎով վարակուածներու պաշտօնական արձանագրումները սկսած են 1988ին, ու մինչեւ 2009ի Մայիսի վերջը, պետութեան մօտ գրանցուած է ՄԻԱՎով վարակուած քաղաքացիներու 745 դէպք։ Ըստ Կանխարգիլման կեդրոնի տնօրէնին, «ՄԻԱՎ վարակով հիւանդներու ընդհանուր կազմում գերակշռում են արական սեռի ներկայացուցիչները՝ 548 մարդ (73.6%), իսկ իգական սեռի ներկայացուցիչների մօտ արձանագրուել է վարակի 197 դէպք (26.4%): ՄԻԱՎ վարակի 16 դէպք (2.1%) է արձանագրուել երեխաների մօտ: ՄԻԱՎ-ով վարակուածների շուրջ 59 տոկոսը՝ 25-39 տարիքային խմբում է»:

ՄԻԱՎ վարակի փոխանցման հիմնական պատճառներն են՝ սեռային յարաբերութիւնները (49.8%) եւ թմրամիջոցներու ներարկային օգտագործումը (41.9%): Ասոնցմէ բացի, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են մօրմէն երեխային, արեան եւ միասեռականութեան պատճառով ՄԻԱՎ վարակի փոխանցման դէպքեր: ՄԻԱՎ վարակով հիւանդներէն 337ին մօտ (կին՝ 78, երեխայ՝ 7) ախտորոշուած է ՁԻԱՀ, անոնցմէ 83ը՝ 2008 տարեշրջանի ընթացքին: Համաճարակի յայտնաբերման առաջին օրէն իսկ արձանագրուած է ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ-ով հիւանդներու մահուան 179 պարագայ: Մահացածներու շարքին են 29 կին եւ 3 երեխայ:

Այս թիւերը պաշտօնական տուեալներ են։ Մասնագէտներ կը պնդեն, սակայն, որ ՁԻԱՀ-ՄԻԱՎով վարակուածներուն թիւը կրնայ աւելի քան երկու հազար ըլլալ։ Ամօթի զգացումը, տգիտութիւնը, աւանդական ըմբռնումները պատճառ կը դառնան, որ ՁԻԱՀ-ՄԻԱՎ ունեցողները թաքուն պահեն իրենց հիւանդութիւնը եւ կամաց-կամաց հիւծուելով՝ մահանան։ Իսկ անոնք, որոնք գրանցուած են պետութեան մօտ, կը ստանան համապատասխան ծառայութիւններ, ինչպէս՝ ձրի դեղօրայք, խորհրդակցութիւն, իրաւունքներու պաշտպանութիւն, եւ այլն։

ՁԻԱՀ-ՄԻԱՎի տարածումը կանխարգիլելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը տարիներ առաջ մշակած է ազգային ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը սկսած է աւելի քան եօթը տարի առաջ։ Այս ծրագիրը կ՛իրագործուի տեղական կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ ու միջազգային կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորումով։

Այս տեղեկութիւններով կը փակեմ այս գրութիւնը եւ կը յուսամ, որ ընթերցողները շահագրգռուած ըլլան նաեւ վերնոշեալ հարցազրոյցով։ Իսկ ՁԻԱՎ-ՄԻԱՎի սփիւռքահայ մասնագէտներուն կը յանձնարարեմ կապ պահել Հայաստանի ՁԻԱՎի կեդրոնին հետ՝ այցելելով www.armaids.am կամ գրելով հետեւեալ հասցէին՝ armaids@armaids.am։

Գրեցէ՛ք ինծի:

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

rafdoud@aol.com

Ընտրութիւններէն Առաջ Ու Վերջ
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները աւարտեցան իշխող կուսակցութեան «փայլուն» յաղթանակով։ Պետական բոլոր կառոյցները, դաշնակից ունենալով Հայաստանի նորելուկ միլիոնատէրերու փոքրաթիւ, բայց ազդեցիկ խմբակն ու փողոցային «հեղինակութիւնները»՝ ամիսներ շարունակ գերագոյն լարուածութեամբ աշխատելէ ետք, անգամ մը եւս կրցան իրենց կամքը պարտադրել եւ ստանալ պէտք եղած արդիւնքը։ Զարմանալի ոչինչ կայ այս բոլորին մէջ։ Անցնող 15 տարիներուն Հայաստանի բոլոր ընտրութիւնները խարդախ ու անարդար եղած են։ Տարբեր չէին կրնար ըլլալ նաեւ ա՛յս ընտրութիւնները։

Այսօր, դժբախտաբար, պետական վարչամեքենային, նորելուկ միլիոնատէրերու եւ փողոցային հեղինակութիւններու շահերը նոյնացած են իրարու եւ ստեղծած տնտեսական փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած անպաշտօն համակարգ մը, որ ի գին ամէն ինչի, նոյնիսկ ի գին ազգային գերագոյն շահերու, կ՛ուզէ պահել ու շարունակել իր գոյութիւնը։ Հայաստանի իշխանաւորներու եւ այսպէս կոչուած գործարարներու վերնախաւի շահերը անքա՜ն միաձուլուած են, որ կողմերէն որեւէ մէկու դիրքին, պաշտօնին կամ գործունէութեան սպառնացող որեւէ վտանգ՝ սպառնալիք է նաեւ միւսին համար։ Ամէն տեսակ մենաշնորհներ վայելող գործարար միլիոնատէրերու ակումբին համար իշխանութիւններու փոփոխութիւն կը նշանակէ բոլոր տեսակի առանձնաշնորհումներու կորուստ, իսկ իշխանութիւններուն համար՝ միլիոնատէրերու այս խմբակին հասցուած որեւէ վնաս համազօր է նիւթական ու տնտեսական լծակներու փոշիացման, ուրեմն նաեւ՝ վերընտրուելու հնարաւորութեան նսեմացման։

Անցեալին, համակարգէն դուրս գտնուող քաղաքական ուժերը, որոնք զրկուած եղած են ընտրազանգուածին վրայ ազդելու վարչական եւ նիւթական լծակներէն՝ լուսանցքայնացումէ խուսափելու համար, կա՛մ համակերպած են գոյութիւն ունեցող իրավիճակին հետ, եւ իբրեւ վարձատրութիւն, անոնց տրուած է սահմանափակ ներկայութիւն իշխանութեան մէջ, կամ ալ (եւ յաճախ արտաքին կասկածելի կողմերու օժանդակութեամբ) փորձած են ժողովուրդի դժգոհ խաւը զօրաշարժի ենթարկելով իշխանափոխութիւն իրականացնել։

Քաղաքապետական ընտրութիւնները, սակայն, անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ ցարդ որդեգրուած մարտավարութիւններով կարելի չէ եղած խախտել գոյութիւն ունեցող համակարգին հիմերը։ Ընդհակառակը, համակարգը աւելի ամրացուցած է իր դիրքերը եւ գագաթնակէտի հասցուցած՝ ընտրամեքենայի հակաժողովրդավարական, բայց ազդու եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։

Յստակ է, որ առանց այս համակարգի չէզոքացման, կարելի պիտի չըլլայ արդար եւ ազատ, ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարել Հայաստանի մէջ։

Քաղաքական ուժերուն կը մնայ իրենց ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկել եւ հաշուի նստիլ անցեալի փորձառութիւններուն հետ, եթէ անշուշտ, անոնք իսկապէս շահագրգռուած են իրերու դրութեան փոփոխութեամբ, եւ եթէ ազգային շահերու գերակայութիւնը կը համատեղեն իսկական ժողովրդավարութեան հաստատման հետ։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Յոյսը՝ Լաւ Մարդիկն Են
Քանի մը օր առաջ խումբ մը ընկերներով, Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ նստած՝ կը զրուցէինք Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու դժուարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին: Խումբին մէջ կային տարբեր տեսակէտներ: Քանի մը հոգի կը պնդէին, որ սփիւռքահայ գործարարներուն համար Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելը գրաւիչ չէ, քանի որ համատարած երեւոյթ են ներդրողներու առջեւ յառուցուող բազմազան դժուարութիւնները, կաշառքը, զեղծարարութիւնները եւ խաբեբայութիւնները: Քանի մը այլ ընկերներ կը շեշտէին, որ եթէ գործարարները լաւ հասկնան Հայաստանի պայմանները, եթէ կարենան ճշգրիտ ձեւով կազմակերպել գործը, ապա անպայման յաջողութիւն պիտի ունենան, որովհետեւ Հայաստանը համեմատաբար նոր շուկայ է եւ ճիշդ կողմնորոշուելու պարագային, կարելի է շահաւէտ գործունէութիւն ծաւալել: Խումբին մէջ էր նաեւ Ռաֆֆի Էլպէքեանը, որ քանի մը տարիէ ի վեր Երեւանի մէջ շինարարական գործով կը զբաղի եւ իր գործին իսկ բերումով բազմաթիւ երեւոյթներու ականատես եղած է: «Եկէք արագ եզրակացութիւններ չընենք: Մէյ մը պատմութիւնս լսեցէք եւ յետոյ դուք դատեցէք, թէ ո՞ր տեսակէտը ճիշդ է», ըսաւ Ռաֆֆին եւ պատմեց հետեւեալը.

«Շէնքի շինարարութեան չսկսած՝ պէտք է ջուր բերէինք շինութեան վայրը: æուրի արտօնութիւն ստանալու համար գացի շրջանի ջուրի սպասարկման գրասենեակ: Աջ ու ձախ նստած պաշտօնեաներուն հարցնելէ ետք, վերջապէս գտայ այդ գործով զբաղող պատասխանատուն: Մարդը շատ յստակ հասկցուց, որ շինարարութեան վայրը ջուր քաշելու համար 6000 տոլար պէտք է վճարեմ, այլապէս ոչ ջուր, ոչ ալ մուռ պիտի ունենամ: Ժամանակ չկորսնցնելու եւ աւելորդ գլխացաւանքներէ խուսափելու համար, համաձայնեցայ վճառել գումարը եւ մարդուն ըսի, որ երկու օրէն 6000 տոլարը կը բերեմ:

«Երկու օր ետք 6000 տոլարը գրպանս դրած՝ գացի պաշտօնեային մօտ, թղթաբանական գործերը արագ վերջացնելու յոյսով: Պաշտօնեան, սակայն, փոխանակ գործերս վերջացնելու, ըսաւ, որ 1000 տոլար եւս պէտք է բերեմ, քանի որ իր վերակացուն ըսած է, թէ այս գործը 7000ով միայն կը վերջանայ: Այս անակնկալին պատրաստ չէի: Սկսայ վիճաբանիլ մարդուն հետ, բայց ինչքան ձայնս բարձրացուցի, մարդը աւելի անդրդուելի դարձաւ:

«Յաջորդ օրը բարձրացայ «Երեւան-ջուր» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակ: Ներս մտայ ու պաշտօնեաներուն բացատրեցի խնդիրը, բայց ոչ ոք ուզեց օգտակար ըլլալ: Ընդհակառակը, բոլորն ալ անտարբեր ու անբարեացակամ, ըսին, որ եթէ կ՛ուզեմ ջուր ունենալ, ուրեմն պէտք է վճարեմ պահանջուած գումարը: Այդ վայրկեանին արդէն համբերութիւնս հատնած էր եւ կորսնցուցած էի հաւասարակշռութիւնս: Ձայնս բարձրացաւ, սկսայ գոռգոռալու եւ բերանէս ինչ կ՛ուզէք դուրս ելաւ՝ հայհոյեանք, անէծք, ամօթանք: Տուն տեղ թողած, հայրենիք եկած ենք գործ ընելու, այսպէ՞ս պէտք է ըլլայ գործը, ձեզի ալ, ձեր ջուրին ալ, ձեր… ի՜նչ որ ձեր մտքէն կ՛անցնի ըսի: Բոլորն ալ շշմած ինծի կը նայէին, բայց ոչ ոք որեւէ արտայայտութիւն ունեցաւ: Կատաղած դուրս ելայ եւ ինքնաշարժիս կռթնեցայ ու սիկարէթ մը վառեցի: Այս դէպքէն ետք արդէն ջուր ունենալու յոյս այլեւս չունէի: Այդ վայրկեանին, գրասենեակէն դուրս եկաւ երիտասարդ պաշտօնեայ մը՝ Ա. Խաչատրեան անունով, եւ ինծի մօտենալով ըսաւ.

- Մի՛ բարկանար, բարեկամ, մի քիչ հանդարտիր, էդքան էլ նեղանալու կարիք չկայ: Լսի՛ր, հայրենիքին մի կպի, հայրենիքը վատը չի, պարզապէս մարդիկն են մի քիչ չարացել: Վաղը արի, ես քո հարցը կը լուծեմ:

«Յաջորդ օրը գացի Ա. Խաչատրեանին մօտ: Ինք անձամբ թղթաբանութեան գործը ըրաւ, ստորագրել տուաւ, յետոյ զիս ուղարկեց դրամատուն՝ պետական մուծումը կատարելու: Վճարեցի մօտ 55 տոլարի համապատասխան հայկական դրամ: Մէկ շաբաթէն ջուրը միացուցին: Պատկերացուցէք՝ 7000 տոլարը ու՜ր, 55 տոլարը ուր: Ահաւասիկ ձեզի պատմութիւն մը, որուն մասին կ՛արժէ մտածել: Ի վերջոյ, բոլորը չէ, որ խաբեբայ կամ զեղծարար են: Լաւերն ալ կան: Այս երկրին յոյսը այդ լաւերն են»:

Ռաֆֆին այսպէս վերջացուց թէ՛ իր պատմութիւնը, եւ թէ՛ մեր վէճը: Ես ալ անոր պատմածը կը փոխանցեմ ձեզի:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Այր Մի, Որի Աչքերում Դաջուած Է Հայոց Պատմութիւնը
ԿԻՄ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

Շառլ Ազնաւուրի այցը Ղարաբաղ կարելի է համեմատել համաժողովրդական տօնի հետ: Յամենայն դէպս, Կիրակի օրը Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակում բազմահազար ստեփանակերտցիների անափ խանդավառութիւնը մեծ շանսոնիէին դիմաւորելիս իսկական տօնակատարութեան էր վերածուել:

Աշխարհահռչակ երգչի այցը արժանայիշատակ է ոչ միայն նրանով, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն է այցելել համաշխարհային մշակոյթի գերաստղերից մէկը: Ղարաբաղում մեծ կարեւորութիւն են տալիս նաեւ այն հանգամանքին, որ մեծանուն այրերի այցելութիւններն Արցախ աւելի ճանաչելի են դարձնում չճանաչուած երկիրը:

Նախքան Ազնաւուրի ներկայանալը, հրապարակում ծովացած բազմահազար երկրպագուները նմանատիպ դատողութիւններ էին անում: Մեր կողքին կանգնած միջին տարիքի մի տղամարդ, օրինակ, իր շուրջը համախմբուածներին ոգեւորուած համոզում էր, որ շանսոնյէի այցը ոչ միայն մշակութային, այլեւ քաղաքական նշանակութիւն ունի:

,թող աշխարհն իմանայ, որ Շառլ Ազնաւուրի համար Ղարաբաղը հայկական երկիր է, եւ այստեղ գալը նման է ուխտագնացութեանէ: Զարմանալի զուգադիպութեամբ, ժամեր անց մեծանուն երգիչը լինելով Գանձասարում, մօտաւորապէս նոյն բանն է ասել, մասնաւորապէս շեշտելով, որ որտեղ վանք ու եկեղեցի կայ, այնտեղ իր համար Հայաստան է:

Շառլ Ազնաւուրի համար յուզումնալից պահեր իրօք շատ կային: Թէ՛ Ստեփանակերտում նրա անունը կրող մշակոյթի կենտրոնի բացման ժամանակ, թէ՛ ԼՂՀ նախագահ Բակոյ Սահակեանի ձեռամբ Արցախի բարձրագոյն պարգեւը` «Գրիգոր Լուսաւորի»չ շքանշանն ստանալիս Ազնաւուրի յուզմունքն ակնյայտ էր: «սա իմ առաջին այցն է Ղարաբաղ, բայց յուսով եմ` վերջինը չի լինի», յոյս յայտնեց նա:

«Երբ Ձեր դէմքին նայում ենք, Ձեր աչքերի մէջ կարծես թէ դաջուած է ամբողջ հայոց պատմութիւնը»: Սրանք Հայ առաքելական եկեղեցու Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի խօսքերն են, որոնք նա արտասանել է Վերածննդի հրապարակում տեղի ունեցած միջոցառման ժամանակ: Սրբազանի այս բնութագրական խօսքերը ծափերի փոթորիկ առաջացրին հրապարակում:

Նոյն օրը Վերածննդի հրապարակում, Շառլ Ազնաւուրի աղջկայ` Սեդա Ազնաւուրի եւ Լիզ Սարեանի կատարմամբ տեղի է ունեցել համերգ` ազնաւուրեան տօնին նոր իմաստ տալով: Ֆրանսահայ յայտնի երգչուհիների կատարումները հիացմունքի բազմաթիւ պահեր պարգեւեցին ներկաներին:

Իրականացաւ արցախցիների վաղեմի երազանքը` արցախեան հողը զօրեղացաւ եւս մի մեծ հայի հպարտ քայլքով: Ղարաբաղում ասում են` սփիւռքից եկող ամէն մի հայ անպայման «հիւանդանում» է Արցախով, որը նրան աւելի ամուր է կապում այս ազատատենչ երկրին: Հաւատանք, որ Շառլ Ազնաւուրը եւս համակուել է Արցախի հանդէպ անտրոհելի սիրով` նրան կրկին Ղարաբաղ բերելու ազնիւ պարտադրանքով:

«Ազգ»ի Համար

Ստեփանակերտ

Կալուած Գնելու Ժամանակը
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Հաւանաբար շատերու զարմանք պիտի պատճառէ այս գրութեան խորագիրը։ Արդարեւ, շատեր հարց պիտի տան, որ տնտեսական տագնապի եւ ֆինանսական ճգնաժամի այս օրերուն, հող, բնակարան, կամ, հայաստանեան բառապաշարով՝ անշարժ գոյք գնելը խոհե՞մ քայլ է։ Պատասխանս՝ այո՛, եթէ, անշուշտ, միջազգային ֆինանսական ճգնաժամն ու տնտեսական տեղքայլը չեն ազդած ձեր նիւթական հնարաւորութեան վրայ։

Այս օրերուն, ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Հայաստանի անշարժ շուկան եւս ետդարձ կ՛ապրի։ Անցնող տարիներուն հողերու, առանձնատուներու եւ բնակարաններու գիները աննախընթաց մագլցում արձանագրեցին։ Երեւանի կեդրոնին մէջ նորակառոյց շէնքերու բնակարաններուն գիները երկինք հասան՝ զարմանք պատճառելով բոլորիս։ Մօտ մէկ տարի առաջ կարգ մը «էլիթար» կոչուած շէնքերու մէջ բնակարաններուն քառակուսի մեթրին գինը հասաւ 4000 տոլարի։

Հիմա, սակայն, փոխուած է իրավիճակը։ Ըստ կարգ մը հետազօտութիւններու, անշարժ գոյքի շուկան բաւական դանդաղած է եւ տուներու ու հողակտորներու գիները, ի բացառեալ կարգ մը թաղամասերու, 20էն 30 տոկոս անկում արձանագրած են։ Երեւանի կեդրոնի նորակառոյց շէնքերուն մէջ, յարկաբաժիններու անցեալին 2500 տոլարով ծախուող քառակուսի մեթրը այս օրերուն կը վաճառուի 1800 տոլարի շուրջ։ Բացառութիւն կը մնայ Օփերան Հրապարակին կապող Հիւսիսային պողոտան, ուր գիները յատկանշական անկում չեն արձանագրած:

Դանդաղած է նաեւ շէնքերու եւ այլ կառոյցներու շինարարութիւնը, որ անցնող երկու տարիներուն Հայաստանի տնտեսական աճին մէջ յատկանշական դեռ ունէր։ Կարգ մը շինարարներ լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին, որովհետեւ բնակարաններու առեւտուրը շատ նուազած է եւ ֆինանսական միջազգային տագնապը լուրջ ազդեցութիւն թողած է կանխիկ գումարներու շրջանառութեան վրայ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի դրամատուները, օրինակ ունենալով Ամերիկայի դրամատուներու խայտառակ գործունէութիւնը անշարժ գոյքի շուկային մէջ, շատ աւելի զգոյշ են եւ բաւական խիստ՝ վարկ տալու իրենց քաղաքականութեան մէջ։ Կառավարութիւնը, սակայն, որոշած է դրամային փոխատուութեան միջոցով օգնել շինարարական ընկերութիւններուն, որպէսզի կիսակառոյց շինութիւնները անաւարտ չմնան։

Շատեր հաւանաբար պիտի ըսեն. «Ձեզի ըսինք Հայաստանի շուկային կարելի չէ վստահիլ, ո՞ր խելքը գլուխ մարդը Երեւանի կեդրոնին մէջ տուն ունենալու համար 3000 տոլար կու տայ՝ մէկ քառակուսի մեթրին համար։ Տեսա՞ք ինչ եղաւ, հիմա գնող չկայ, գիներն ալ ինկած են»։ Այս տեսակի արտայայտութիւնները չ՛արժեր լուրջի առնել, պարզ այն պատճառով, որ քանի մը տարիէն, տնտեսական տագնապի աւարտին հետ գիները դարձեալ կը սկսին բարձրանալու։ Ի վերջոյ, ինչպէս դիտել կու տար անշարժ գոյքի մասնագէտ ընկեր մը, աշխարհի մէջ չկայ վայր մը, ուր բնակարաններու եւ հողերու գիները շարունակ բարձր մնացած են, ընդհակառակը, երկար ժամանակի վրայ, անոնց բերած շահը շատ աւելի եղած է, քան դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներունը։

Յամենայնդէպս, եթէ հայրենիքի մէջ կալուած գնելու հնարաւորութիւն եւ նպատակ ունիք, հիմա ժամանա՛կն է։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Ելի՛ր Դաշնակ Դրօ
ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ պաշտօնապէս սկսաւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը։ Հայաստանի մայրաքաղաքի բնակիչները Մայիս 31ին պիտի ընտրեն քաղաքապետական խորհուրդի անդամները՝ 65 անդամ հաշուող Երեւանի աւագանին։ Աւագանին, իր կարգին, պիտի ընտրէ մայրաքաղաքի յաջորդ քաղաքապետը։ Վեց կուսակցութիւններ եւ քաղաքական 18 ուժեր համախմբող մէկ դաշինք կը մասնակցին ընտրութիւններուն։ Ըստ Հայաստանի նոր սահմանադրութեան, կուսակցութիւնները եւ դաշինքները քուէներու յաջորդաբար 7 եւ 9 տոկոսը պէտք է ստանան, որպէսզի ներկայացուցչութիւն ունենան քաղաքի ղեկավար մարմնին՝ աւագանիին մէջ։

Քարոզարշաւի առաջին իսկ օրէն բոլոր թեկնածուները աջ-ձախ խոստումներ սկսած են շռայլելու, իսկ արմատական ընդդիմութիւն համարուող Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ ազգային գոնկրէսը, այս առիթը կ՛ուզէ օգտագործել քաղաքական ազդեցիկ լծակներ ձեռք ձգելու եւ ընդդիմութեան դիրքերը ամրացնելու միտումով։ Դեռ ընտրապայքարը չսկսած, իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը, աւանդութեան համաձայն, Երեւանի վարչամեքենան գործի լծած է իր թեկնածուին ընտրութիւնը ապահովելու համար։ Դեռ շաբաթներ առաջ մարդիկ սկսած էին բողոքել, թէ Հարկային վարչութիւնը, դպրոցներու ղեկավարութիւնը, թաղապետարանները եւ պետական հովանիին տակ աշխատող բոլոր հաստատութիւնները քաղաքացիներուն վրայ ուղղակի եւ անուղղակի ճնշում կը բանեցնեն, դրամ ու պաշտօն կը խոստանան, առաւելագոյն քուէները խլելու նպատակով։

Ինծի համար սակայն ընտրութիւններու հերթական այս կատակերգութեան մէջ նորութիւն չկայ, հետեւաբար, լսածներս ու տեսածներս զարմանք չեն պատճառեր ինծի։ Այս օրերուն առաջնահերթութիւնս նոր գրասենեակ մը ճարել է, քանի որ մօտ ատենէն մեր աշխատակազմը պիտի աւելնայ 6 նոր պաշտօնեաներով եւ ներկայ գրասենեակը փոքր է ու չի բաւարարեր մեր կարիքներուն։ Անցնող երկու շաբաթներուն գործընկերներուս հետ բազմաթիւ տեղեր այցելեցինք ու վերջապէս, Ամիրեան փողոցը հատող Եզնիկ Կողբացի փողոցին վրայ գտանք յարմար գրասենեակ մը։ Երեւանի հին, միայարկանի բնակարան մըն էր անիկա, զոր տանտէրը լաւ նորոգած էր եւ վրան բարձրացուցած երեք յարկ։ Սենեակները քննելէ ետք իջանք ներքեւ, որպէսզի բանակցինք վարձակալութեան պայմաններուն մասին։ «Ասեմ, որ սա մի ժամանակ եղել է նաեւ դաշնակ Դրոյի բնակարանը», ի միջի այլոց ըսաւ տանտէրը։

Դաշնակ Դրոյի բնակարանը։ Ահաւասիկ հետաքրքրական նորութիւն մը, որ զարմանք պատճառեց ինծի։ Ինչո՞ւ յայտնի չէր այդ տունը, ուր Դրօ հաւանաբար անքուն գիշերներ անցուցած էր, հայ ժողովուրդի ամէնէն ճակատագրական օրերուն։ Տուն վերադարձին հեռաձայնեցի բանիմաց մարդոց եւ հարցուցի, թէ արդեօ՞ք ճիշդ էր այս տեղեկութիւնը։ Ի յայտ եկաւ, որ իրօք Դրօ, Հայաստանի առաջին անկախութեան տարիներուն, որոշ ժամանակ մը ապրած է այդտեղ, սակայն բնակարանը, անշուք ու համեստ ըլլալով՝ ուշադրութեան չէ արժանացած, եւ հակառակ հայաստանեան սովորութեան, ցուցատախտակ մը չէ դրուած անոր ճակատին՝ նշելով Դրոյի հոն ապրած ըլլալու հանգամանքը։

Քանի մը շաբաթէն պիտի տեղափոխուինք մեր նոր գրասենեակը եւ ես ամէն օր, դաշնակ Դրոյի, ընկե՛ր Դրոյի, Բաշ Ապարանի հերոս Դրոյի շունչն ու ոգին պիտի փնտռեմ այնտեղ։ Ամէն օր պիտի մտածեմ, թէ ի՛նչ պիտի ընէր Դրօ, տխրահռչակ Նակաշիձէի դահիճը, եթէ ապրէր այսօր եւ տեսնէր մեր հայրենիքի ու քաղաքամայր Երեւանի առօրեային լաւն ու վատը, ոգեշնչողն ու յուսալքողը։

Աւագանիի ընտրութիւններու նախօրեակին, հաւանաբար գան ու բնակարանի ճակատին փակցնեն պատեհապաշտ ու անարժան թեկնածուի մը նկարը։

Պիտի չարտօնեմ։ Դրոն չի՛ ներեր։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

«ԱՐԻ ՏՈՒՆ»
Քո հայրենիքը Հայաստանն է նոր,

Ուր ամուլ ժայռն էլ ծաղիկ է ծնում,

Ուր թաղուած Մեսրոպ Մաշտոցն ամէն օր

Ինձնով քո բախտի մասին է հարցնում:

Յ. ՇԻՐԱԶ

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքի մէջ ապրող բազմաթիւ պատանիներ միշտ երազած են սեփական աչքերով տեսնել իրենց հայրենիքը, որուն մասին լսած եւ կարդացած են միայն։ Ահա կարծես եկած է պահը, որ Սփիռքը իր հոգատար թեւերուն տակ առնող Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, հոգայ նաեւ այդ հարցին մասին՝ մշակելով եւ իրագործման հանգրուանի մէջ դնելով «Արի տուն» խորագրով «Սփիւռքի երիտասարդութեան այցելութիւններ Հայաստան» ծրագիրը, որուն նպատակն է Հայաստանը ճանաչելի դարձնել աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան։

Հայրենիք այցելող սփիւռքահայ երիտասարդները պիտի ապրին Հայաստանի ընտանիքներուն մէջ, շփուին բնակչութեան առօրեային հետ, ծանօթանան տեղի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն։ Երիտասարդները շփուելով իրական հայրենիքի հետ՝ իրենց մէջ կը ձեւաւորուի հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութեան եւ իրաւունքի գիտակցութիւնը։

Նախատեսուած է «Արի տուն» ծրագիրը իրականացնել 2009 թուականի Մայիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն։ Հրաւիրուող Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներու 14-25 տարեկան հայ երիտասարդներու այցելութիւնը պիտի տեւէ երկու շաբաթ՝ տարբեր հանգրուաններով։ Իւրաքանչիւր ամիս տարբեր գաղթօճախներէ պիտի ձեւաւորուի մինչեւ 50 հոգիէ բաղկացած երիտասարդական երկու խումբ, որոնք ծրագրի ծիրէն ներս պիտի կատարեն ճանաչողական այցեր դէպի պատմամշակութային յուշարձաններ, թանգարաններ, տեսարժան վայրեր, պիտի մասնակցին ուսուցողական ծրագիրներու՝ յաճախելով հայոց լեզուի եւ գրականութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան, հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան, հայկական ազգային երգի եւ պարի խմբակներու, ինչպէս նաեւ ճանաչողական հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի պետական հասարակական այրերու հետ։

Ծրագիրը պիտի իրականացուի պետական, մասնաւոր եւ հասարակական հատուածներու սերտ համագործակցութեամբ:

Հիւրընկալ ընտանիքներու ընտրութեան գործընթացը կազմակերպուած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն միջոցով: Աշխատանքներու մէջ ներգրաւուած են տեղական ինքնակառավարման մարմինները, Հայաստանի հանրապետութեան Կոտայքի, Արարատի, Արմաւիրի, Արագածոտնի մարզպետարանները եւ անոնց կողմէ նշանակուած կրթական հաստատութիւնները:

Սփիւռքահայ ծնողները պէտք է լիովին վստահ ըլլան, որ իրենց զաւակները պիտի ըլլան ապահով ձեռքերու մէջ, որովհետեւ հիւրընկալուողները սփիւռքի նախարարութեան, այլ խօսքով՝ պետութեան հիւրերն են, ուստի նախարարութիւնը ուսումնասիրած է ծրագրի բոլոր ծալքերը եւ հնարաւորինս ապահով ու յարմարաւէտ պայմաններ պիտի ստեղծէ մասնակիցներուն համար։ Նախարարութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ ընտրած է այն ընտանիքները, որոնց պիտի վստահուի հիւրընկալութիւնը սփիւռքահայ երիտասարդներուն։ Ընտանիքներու նախնական ցուցակը կազմած են դպրոցներու տնօրէնները, ապա այդ ցուցակը ուսումնասիրած են թաղապետերը եւ յանձնած սփիւռքի նախարարութեան, որուն աշխատակիցները նոյնպէս ուսումնասիրած ու վերջնական տեսքի բերած են զայն, ապա անձամբ այցելած այն ընտանիքները ու ստուգած, որ արդեօք անոնք կամբողջացնե՞ն պահանջուած չափորոշիչները։ Հիւրընկալ ընտանիքը պէտք է ըլլայ բարեկեցիկ, ունենայ կենցաղային անհրաժեշտ պայմաններ, ունենայ հիւրընկալող սփիւռքահայ երիտասարդ կամ պատանիին հասակակից երեխաներ, թոռներ, ապահովէ ջերմ, ապահով ու առողջ մթնոլորտ եւ իր հիւրին հետ վերաբերի իբրեւ ընտանիքի լիիրաւ անդամի։

Մասնակիցներուն վրայ պարտք դրուած է ապահովել միայն իրենց ուղեւորութեան տոմսերը, թէեւ նախարարութիւնը յոյս ունի, որ համայնքներու մէջ գործող կազմակերպութիւնները, միութիւններն ու անհատ բարերաները իրենց նիւթական ներդրումը կ’ունենան այդ գործին մէջ, որպէսզի մասնակիցներուն համար ստեղծուին նիւթական առաւել յարմարաւէտ պայմաններ։ Մասնակիցները զերծ պիտի մնան մուտքի վիզայի, ելքի տուրքի եւ կեցութեան ու սնունդի ծախսերէն։

«Արի Տուն» ծրագրի իրականացման գործընթացի կազմակերպման ու իրականացման համար յառաջացած է յատուկ համակարգող խորհուրդ, որ կը բաղկանայ 34 անդամներէ՝ գլխաւորութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարին, որ ինքնիրեն վերապահած է ծրագրի հսկողութիւնը։

Սփիւռքի նախարարութիւնը համոզուած է, որ «Արի տուն» ծրագիրը պիտի իրականացնէ հայազօրացման առաքելութիւն՝ նպատակ ունենալով ձեւաւորել սեփական արմատներով զօրաւոր եւ հպարտ հայ սերունդ՝ ուծացումի վտանգներէն ծնած, բայց մկրտուած սեփական ինքնութեամբ եւ ոգիով, իսկ այդ բոլորը պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական եւ կրթամշակութային միասնութեան եւ հայադարձութեան:

nayirim@yahoo.com

Ծանօթ.

Մասնակցելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրեցէք ելեկտրոնային հետեւեալ հասցէին՝ allarmenian@mindiaspora.am, կամ հեռաձայնեցէք Սփիւռքի նախարարութիւն (հեռ. 00374-10-585601 /117/)։

«Սեւ Երեքշաբթի»էն Մինչեւ Մարտ 8՝ Վարդահեղեղ Կիրակի
Երեքշաբթի, 3 Մարտին, տոլարի գինը 305 դրամէն 360-380 դրամ բարձրացնելու Կեդրոնական դրամատան որոշումը արտակարգ իրարանցում ստեղծեց Երեւանի շուկաներուն մէջ։ Մտածելով, որ տոլարի բարձրացման պիտի յաջորդէ սպառողական եւ այլ գիներու բարձրացում՝ ժողովուրդը սկսաւ խանութներէն աննախընթաց թափով մեծաքանակ ապրանք գնել։ Երեւանի տարբեր թաղամասերու շուկաներն ու «սուփըրմարքեթ»ները ողողուեցան բրինձ, ձէթ, ալիւր, շաքարաւազ, աղ, ձիթապտուղ, եւ հազարումէկ այլ բան գնող քաղաքացիներով։

Իսկ ես, լրիւ անտեղեակ շուկայի անցուդարձերէն, Երեկոյեան ժամերուն, գրասենեակէս տուն վերադառնալու ընթացքին, մտայ Օփերայի մօտ գտնուող Սթար խանութը՝ մանր-մունր գնումներ կատարելու համար։ Հազիւ դռնէն ներս մտած՝ դէմ յանդիման գտնուեցայ տոպրակներով բեռնաւորուած եւ իրար հրմշտկող յաճախորդներու եւ գրեթէ դատարկ, ապրանքներէ մաքրուած դարակներու։ Մինչ ես կը փորձէի հասկնալ Նոր Տարին կանխող օրերու գնումները յիշեցնող այս խճողումին պատճառը, հերթի մէջ կանգնած եւ աւելի քան 15 շիշ եգիպտացորենի ձէթով ու բազմատեսակ այլ մթերքներով պարենաւորուած յաճախորդ մը, կարծես շուարած վիճակս տեսնելով՝ ըսաւ. «Տոլարը բարձրացրին, գներն էլ հետը։ Ասում են վաղը աւելի ա բարձրանալու։ Բոլոր ապրանքների գները արդէն 20 տոկոս թանկացել են, ինչ որ կարող ես վերցնել, վերցրո՛ւ։ Վաղը չգիտես սրանք գլխիդ ի՞նչ փորձանք կը բերեն»։

Հազիւ կը փորձէի հասկնալ ու մարսել մարդուն արտասանած «սրանք», «տոլար», «փորձանք» բառերը, երբ դիմացս ելաւ իմ նախկին հարեւաններէն՝ տիկին Մարկոն։ «Դեղերն էլ են թանկացրել», ըսաւ առանց բարեւիս պատասխանելու։ «Ասի շտապ գնամ ամուսինիս խոլեսթիրինի (քոլէսթրոլի-Խմբ.) դեղերը գնեմ, բայց ափսոս չհասցրի էժան վերցնել, արդէն 20 տոկոս գները թանկացրել են», աւելցուց ան եւ քիթին տակէն բաներ մը մրթմրթալով՝ արագ քայլերով դուրս եկաւ խանութէն։ Ես ալ չդիմանալով շնչահեղձ ընող այս խճողումին՝ հրաժարեցայ գնում կատարելու մտադրութենէս եւ մեկնեցայ տուն:

Աւելի ուշ իմացայ, որ իսկապէս, տոլարի փոխարժէքի փոփոխութենէն քանի մը վայրկեան անց, բոլոր կրպակները, դեղարանները, վառելանիւթի լցակայանները, տնտեսական իրեր ծախող խանութները եւ գրեթէ բոլոր վաճառատուները կայծակնային արագութեամբ փոխած են ապրանքներու գիները։ Երեկոյեան, կառավարութեան ներկայացուցիչները, պատկերասփիւռի կայաններէն ու լրատուական այլ միջոցներէն ելոյթ ունենալով՝ յայտարարեցին, թէ գիներու բարձրացումը արդարացուած չէ եւ շուտով համապատասխան մարմինները ստուգումներ պիտի կատարեն՝ չարաշահումները կանխելու եւ չարաշահողները պատժելու համար։ Այս «Նամակ Երկրէն» հաւաստիացումները, սակայն, չհանգստացուցին խրովայոյզ քաղաքացիները, մանաւանդ երբ յաջորդող օրերուն համապատասխան մարմինները ո՛չ չարաշահողներ յայտնաբերեցին, ոչ ալ կրցան հակակշռել հայկական դրամի արժեզրկումին հետ կապուած սղաճը:

Կիրքերը խաղաղեցան միայն Մարտ 8ին՝ Կանանց միջազգային օրը, որ Հայաստանի մէջ շատ լուրջ կերպով նշուող տօն մըն է: Այդ օր մոռցուեցան տոլարն ու թանկացումները, չարաշահողներն ու դրամի արժեզրկումը: Թէեւ այդ օր ծաղիկները շատ աւելի սուղ կը վաճառուէին, ոչ ոք, սակայն, առարկեց վարդերու եւ ծաղկեփունջերու սղաճին: Բոլոր տղամարդիկ իրենց յարգած ու սիրած կիներուն եւ աղջիկներուն ծաղիկներ նուիրեցին, իւրաքանչիւրը՝ իր կարողութեան սահմանին համաձայն:

Հաւանաբար բոլորն ալ կը գիտակցէին, որ տոլարի ու դրամի յարաբերութենէն առաջին տուժողները հայ մայրերն ու կիները պիտի ըլլան: Անոնք են, որոնք իրենց վրայ պիտի զգան նոր տագնապին ամբողջ ծանրութիւնը, որովհետեւ ընտանիք պահելն ու երեխաներ կրթելը քիչ մը աւելի պիտի դժուարանայ, տղամարդոց հոգերը իրենց վրայ շատ աւելի ծանր պիտի կշռեն, բայց պիտի դիմանան ու դիմադրեն, մինչ աւելի պայծառ ու հանգիստ օրերու ժամանումը:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

«Սեւ Երեքշաբթի»
Երեքշաբթի, 3 Մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00ին դրամատուն մուտք գործեցի, նախորդ ամսուան ծախսերուս՝ ելեկտրականութիւն, ջուր, կազ, ինքնաշարժի մուրհակ, վճառումները կատարելու համար: Այդ օրը, սակայն, արտակարգ խճողում կար դրամատան մէջ, իսկ պատուհաններու ետին, այլազան գործառքներ կատարող պաշտօնեաները տակաւին կէսօր չեղած՝ յոգնած էին կարծես: Հերթը գրեթէ մինչեւ մուտքի դուռը հասած էր եւ բոլորն ալ անհամբեր դարձած կը խօսէին մէկ նիւթի մասին՝ տոլար: Արդէն քանի մը օր առաջ քաղաքին մէջ լուր տարածուած էր, որ Կեդրոնական դրամատունը պիտի դադրեցնէ դրամը կայուն պահելու քաղաքականութիւնը եւ այլեւս ամէն օր մեծ քանակութեամբ տոլար պիտի չվաճառէ դրամատուներուն եւ օտար դրամանիշ փոխանակող հաստատութիւններուն: Տոլարի պահանջարկը վերջին քանի մը ամիսներուն խիստ բարձրացած էր եւ Կեդրոնական դրամատունը իր տոլարի պահեստին աւելի քան 25 տոկոսը (360 միլիոն) վաճառած էր՝ դրամի արժէքը անփոփոխ պահելու նպատակով:

Բայց բոլորն ալ արդէն գիտէին, որ դրամը շուտով պիտի արժեզրկուի: Դրամատուներու մեծ մասը դադրեցուցած էր տոլարի վաճառքը՝ սպասելով անխուսափելի փոփոխութիւններուն: Իսկ երբ լսուէր, որ դրամատուն մը սկսած է տոլար վաճառել, հայկական դրամ ունեցողները կը շտապէին իրենց ունեցածը տոլարի վերածելու եւ երկար հերթեր կը յառաջացնէին այդ դրամատուներու պաշտօնեաներու գրասեղաններուն առջեւ:

Իմ բախտէս, այդ օրը իմ դրամատունս պահ մը որոշած էր տոլար վաճառել իր յաճախորդներուն, սակայն իմ ժամանումէս քանի մը վայրկեան առաջ դադրեցուցած էր տոլարի վաճառքը՝ սպասելով Կեդրոնական դրամատունէն գալիք թելադրանքներուն: Այս պատճառով երկար շարք յառաջացած էր: Ստիպուած սպասեցի շարքին մէջ եւ մինչեւ հերթս հասնի, զրուցեցի դիմացս ու ետեւս կանգնած մարդոց հետ, ժամանակը սպաննելու եւ լուրերուն ծանօթանալու մտադրութեամբ:

- Չգիտե՞ս,- զարմացած հարց տուաւ ետեւս կանգնած մարդը,- տոլարը բարձրացնելու են: Երեւի մինչեւ 400 դրամ: Մի շաբաթ ա ուզում եմ տոլար վերցնեմ, չի յաջողւում: Ասում են Կենտրոնական բանկը ամէն օր 40-50 միլիոն տոլար ա վաճառում: Էդ ո՞ւմ ա վաճառում, ո՞նց ա պատահում, որ ես չեմ կարողանում թէկուզ եւ մի տոլար գնել բանկերից ու փոխանակման կէտերից:

- Ի՞նչ ես ասում ա՛յ մարդ,- բարկացկոտ ու բարձրաձայն ըսաւ դիմացինս,- իրանք վաճառում են, իրա՛նք էլ գնում: Էսա, էժան տոլարը էսօր լիքը կը վերցնեն, վաղն էլ մեզ թանկ-թանկ կը վաճառեն:

- Ասում են քրիզիս ա, ռուսաստանից կէս միլիառ տոլար են բերել: Ուզում են գինը բարձրացնել, տոլարը թանկ վաճառեն, յետոյ արժէքը նորից իջացնեն ու էժան վերցնեն: Փող են աշխատում, էլի՛, ըսաւ ուրիշ մը:

- Վաղն էլ ամէն ինչի գները կը բարձրացնեն, կ’ասեն տոլարը բարձրացաւ, ի՞նչ կարանք անենք: Յետոյ կը գնան իրանց համար Սեւանում ու Ծաղկաձորում նոր, չտեսնուած դղեակներ կը սարքեն: Էդ էլ կը լինի մեր հայրենիքի ֆինանսական քրիզիսի արդիւնքը… քմծիծաղով ըսաւ այլ մարդ մը:

Խօսակցութիւնը այսպէս շարունակուեցաւ մօտ կէս ժամ: Անդրադարձայ, որ բոլորն ալ թերահաւատութեամբ կը մօտենան իշխանութիւններու որդեգրած ֆինանսական քաղաքականութեան: Ոչ վստահութիւն ունին, ոչ ալ հաւատք եւ ապագան իրենց համար անորոշութենէ զատ ոչինչ կը խոստանայ:

Հասայ պաշտօնեային մօտ եւ վճառումներս կատարելէ ետք, վերադարձայ աշխատանքի: Հազիւ գրասենեակէն ներս մտած էի, երբ քարտուղարուհին շատ յուզուած ըսաւ, որ Կեդրոնական դրամատունը յայտարարած է, թէ տոլարին գինը այլեւս ոչ թէ 305 է, այլ 380:

Քաղաքին մէջ սկսաւ չտեսնուած իրարանցում մը եւ այդ օրը որոշ թերթերու մէջ յիշուեցաւ իբրեւ «Սեւ Երեքշաբթի»: Այս մասին սակայն՝ գալիք շաբաթ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Թուրք-Հայկական Յարաբերութիւններու, Մարտ 1ի Եւ Այլ Նիւթերու Մասին
Թրքական մամուլին մէջ վերջերս շատ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բարելաւման, երկու երկիրներու ղեկավարութեան միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն, արձանագրուած աննախընթաց յառաջընթացին եւ անկիւնադարձային համաձայնութեան մը հասնելու հաւանականութեան մասին: Թուրք պետական դէմքեր առիթ չեն փախցներ ամբողջ աշխարհին յիշեցնելու, թէ որքա՜ն երկար ճամբայ կտրած են երկու պետութիւններուն միջեւ գաղտնի եւ յայտնի բանակցութիւնները, թէ երկու կողմերը որքա՜ն մօտեցած են համաձայնութեան, եւ թէ մօտ ատենէն ի՛նչ լաւ լուրեր, մե՜ծ աւետիսներ պիտի պարգեւեն աշխարհին, եւ այլն: Յետոյ, անշուշտ, թուրք պետական այրերը չեն մոռնար յիշեցնելու, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գլխաւոր, եթէ ոչ միակ, խոչընդոտը Հայկական Սփիւռքն է, որ ամերիկեան Քոնկրէսին եւ այլ երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կ’արծարծէ ու կը թունաւորէ քաղաքական դրական մթնոլորտը, որ ստեղծուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն միջեւ։

Զարմանալի ոչինչ կայ թուրք պետական այրերու այսօրինակ յայտարարութիւններուն մէջ։ Թուրքիա Ցեղասպանութեան ճանաչումը արգելակելու իր խաղն է, որ կը խաղայ եւ ամէն միջոցի կը դիմէ աշխարհին ցոյց տալու, թէ ի՛նչ վեհանձն, բարեացակամ մօտեցում ունի Հայաստանի հանդէպ, հակառակ Սփիւռքի յարուցած բազմապիսի դժուարութիւններուն։ Զարմանալին այստեղ, Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական ուժերուն, իշխանամէտ ըլլան անոնք թէ ընդդիմադիր, ամբողջական լռութիւնն է։ Կը թուի, թէ Հայաստանի քաղաքական ուժերն ու կուսակցութիւնները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հետագայ ընթացքին, հոլովոյթին եւ բնոյթին մասին ո՛չ խոր ըմբռնում, ո՛չ հասկացողութիւն եւ հեռանկար ունին, ոչ ալ նկատառելի հակակշիռ ունին անոնց վրայ։ Ցարդ ոչ մէկ կուսակցութիւն, ոչ մէկ քաղաքական ուժ կրցած է աւանդական լոզունգներէն անդին անցնիլ եւ առարկայական գնահատական տալ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն եւ անոնց ընթացքին մասին։ Զարմանալի է նաեւ, որ ոչ պետական այրերը, ոչ ալ քաղաքական գործիչները հակադարձած են Սփիւռքի գործունէութեան մասին Թուրքիոյ յայտարարութիւններուն…

Այս օրերուն, ըստ երեւոյթին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններէն աւելի, բոլորը հետաքրքրուած են ընդդիմադիրներուն կազմակերպելիք Մարտ 1ի հանրահաւաքով եւ Մայիսին տեղի ունենալիք Երեւանի քաղաքապետի եւ քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններով։ Կիրակի օր տարելիցն է անցեալ տարուան ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած տխրահռչակ դէպքերուն, որուն զոհ գացին տասնեակ մը հայեր։ Ինչպէս հայ-թրքական յայաբերութիւնները, Մարտի իրադարձութիւնները եւս տակաւին կը սպասեն քաղաքական առարկայական գնահատականի։ Բայց գնահատականէ աւելի, ընդդիմութիւնը կը փորձէ Մարտ 1ի ցաւալի դէպքերու տարելիցը օգտագործել՝ վերաշխուժացնելու իր վերջերս խամրած գործունէութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն նախօրեակին կրկին ոտքի հանելու ժողովուրդի դժգոհ հատուածը։ Ի վերջոյ, Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւնները, նախագահական ընտրութիւններէն ետք, ամէնէն կարեւորն են Հայաստանի մէջ եւ զարմանալի չէ, որ քաղաքական ուժերը մեծ թափով կը պատրաստուին գալիք ընտրապայքարին։ Իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն զգալ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ճնշումը, ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն՝ սահամանափակելու համար ընդդիմադիրներուն գործունէութիւնը եւ իրենց բոլոր լծակներու ամբողջական լարումով՝ կը պատրաստուին քաղաքապետական ընտրութիւններուն։

Գարնան տաք օրերուն հետ, Հայաստանի քաղաքական կեանքի ջերմաստիճանը եւս պիտի բարձրանայ։ Կը մնայ, որ քաղաքական ուժերը, ընդդիմադիր թէ իշխանամէտ, Մարտ 1ի տխուր իրադարձութիւններէն բան մը սորված ըլլան եւ հեռու մնան Հայաստանի վարկին, հեղինակութեան եւ անվտանգութեան վնաս պատճառող վտանգաւոր նախաձեռնութիւններէ։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Դահուկի Սիրահարներու Երկիրը
Անցեալ Ուրբաթ օր, Դանիայէն եկած խումբ մը պաշտօնակիցներու եւ Հայաստանի գրասենեակի գործընկերներուս հետ մեկնեցանք Ծաղկաձոր, ընկերային հաճելի ժամանակ անցնելու եւ հայ ու դանիացի աշխատակազմերուն միջեւ կապերը զօրացնելու նպատակով։ Դանիացիք շատ հետաքրքրուած էին Ծաղկաձորով, որովհետեւ բոլորն ալ դահուկի սիրահարներ էին եւ կազմ ու պատրաստ եկած էին երկու օր անցնելու աւելի քան 2000 մեթր բարձրութիւն ունեցող Դեղենիս լերան լանջերուն վրայ: Ճանապարհին դանիացի գործընկերներս յաճախ կը յիշեցնէին, որ Դանիոյ մէջ լեռ գոյութիւն չունի, իսկ ամէնէն «հսկայ» բլուրին գագաթը ծովու մակերեսէն միայն 400 մեթր բարձր է: Դահուկելու համար ստիպուած են երթալ եւրոպական հարեւան երկիրներ եւ երկու-երեք օրուան հաճելի ժամանցի համար ծախսել քանի մը հազար Եուրօ:

Մայրաքաղաք Երեւանէն Ծաղկաձոր հասանք մօտ 40 վայրկեանէն ու նորաբաց հիւրանոցներէն մէկուն մէջ տեղաւորուելէ ետք, ինքնաշարժներով մեկնեցանք դէպի ճոպանուղի եւ ընդամէնը 5 վայրկեանէն հասանք տոմսարկղի մօտ: Ուրբաթ օր ըլլալով, Ծաղակաձորն ու ճոպանուղին խճողուած չէին, բայց նաեւ ակնյայտ էր դահուկողներու եւ հայ ու արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու բացակայութիւնը: Անցեալ երկու-երեք տարիներուն շատ աւելի բազմամարդ էր Ծաղկաձորը, շատ աւելի բանուկ էին՝ նոր տեղադրուած, արդիական ճոպանուղին ու Դեղենիս լերան ձիւնածածկ զառիթափերը: Ճոպանուղիին մօտիկ կանգնած էր դահուկի մարզաձեւով յաճախ զբաղող նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, ու քիչ անդին՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի յայտնի մեծահարուստներէն Գագիկ Ծառուկեանը: Երկուքի թիկնապահներուն թիւը շատ աւելի էր քան բոլոր զբօսաշրջիկներունը: «Ըստ երեւոյթին, Հայաստան եւս ազդուած է ֆինանսական տագնապէն. մարդիկ կամ դրամ չունին, կամ ալ տրամադիր չեն իրենց ունեցածը ծախսելու», ըսաւ դանիացի հիւրերէն մէկը:

Դեղենիսի գագաթը հասնելու համար երկու կայան փոխեցինք եւ մօտ կէս ժամ վերելքէ ետք, հասանք Հայաստանի ամէնէն գեղատեսիլ բարձունքներէն մէկուն վրայ: Սպիտակութեան մէջ կորած լերան գագաթէն, ջինջ ու պայծառ երկինքին տակ մեր աչքերուն բացուեցաւ հրաշագեղ տեսարաններ. մէկ կողմէն՝ կապուտակ Սեւանը, խաղաղ ու վճիտ, միւս կողմէն՝ Արագած լեռը, չորս ձիւնածածկ, վեհ գագաթներով, իսկ դիմացը՝ Արարատը, հեռու բայց մօտ, բարձր, հսկայ, տիրական, անհասանելի…

Բոլորս ալ հմայուած, լուռ ու խոհուն վայելեցինք հիանալի այս տեսարանները, անկրկնելի այս պահը: «Գեղեցիկ է ձեր երկիրը», լռութիւնը խզելով ըսաւ դանիացի գործընկերս եւ դահուկներով սլացաւ դէպի վար: Իրեն հետեւեցաւ խումբին աւելի քան կէսը:

Քանի մը ժամ ետք հանդիպեցանք ճոպանուղիի երկրորդ կայանին մօտ կառուցուած ճաշարաններէն մէկուն մէջ՝ այդ օրը դանիացիներուն հետ մեր ժամանցը հայկական աւանդական կերուխումով աւարտելու համար: Քանի մը բաժակ գինի կոնծելէ ետք, դանիացիք յուզումով յիշեցին Քարէն Եփփէն ու հայասէր այլ դանիացիներ, հազար ու մէկ շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական փառահեղ հիւրասիրութեան համար ու հաւաստեցին, որ դահուկելու համար դարձեալ պիտի գան Ծաղկաձոր, այս անգամ ընտանիքի անդամներու եւ ընկերներու հետ միասին:

Բոլորս ալ ուրախ էինք: Գիտէինք, որ մօտիկ ապագային այս լանջերն ու ճոպանուղին դարձեալ պիտի խճողուին, հայ եւ օտար զբօսաշրջիկները աշխարհի բոլոր անկիւններէն պիտի գան վայելելու մեր գեղեցիկ երկրի եզակի բնութիւնն ու հիւրասիրութիւնը, ու գոհունակ տրամադրութիւններով պիտի վերադառնան իրենց ապրած երկիրները, օտարները՝ երախտապարտ եւ ուրախ, իսկ հայերը՝ վերանորոգ հաւատքով եւ հպարտ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Տոլարն Ու Դրամը՝ Ֆինանսական Տագնապի Օրերուն
Ապրիլ 2004ին, երբ տակաւին նոր Հայաստան տեղափոխուած էի, մէկ տոլարին գինը աւելի քան 540 դրամ էր։ Այդ օրերուն, եթէ անհատ մը երկու-երեք հարիւր տոլար եկամուտ ունենար, կրնար մէկ ամիս, առանց մտահոգուելու, հոգալ իր նուազագոյն կարիքները։ 90ական թուականներու կէսերէն սկսեալ, հազարաւոր հայ ընտանիքներ տարիներ շարունակ ապրեցան արտագնայ աշխատանքի մեկնած իրենց հարազատներէն ամսական քանի մը հարիւր տոլար ստանալով։ Վերջին տարիներուն, սակայն, հայկական դրամը շարունակաբար արժեւորուեցաւ։ 2008ի կէսերուն, օրինակ, մէկ տոլարը կը վաճառուէր 300 դրամով, իսկ Եուրոն, որ 2004ի ամրան կ’արժէր աւելի քան 650 դրամ, 2008ի Օգոստոսին իջած էր մինչեւ 480 դրամի։ Հայկական ազգային դրամանիշի այս տրամաթիք արժեւորումին անդրադառնալով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները անընդհատ կու տային հետեւեալ բացատրութիւնները.

- Վերջին հնգամեակին Հայաստանի տնտեսութիւնը աննախընթաց աճ արձանագրելով՝ զօրացուցած է ազգային դրամանիշին դիրքերը։

- Դրամատնային փոխանցումները ցոյց կու տան, որ, ամէն տարի արտագնայ աշխատանքի գացած հայերը աւելի քան մէկ միլիառ տոլար կ’ուղարկեն Հայաստան։ Այս գումարը, սակայն, երկու-երեք անգամով աւելի է, եթէ նկատի առնուի նաեւ անհատներու միջոցով Հայաստան ներմուծուող կանխիկ գումարները։

- Հայաստանի իշխանութիւններուն ֆինանսաարժութային խիստ քաղաքականութիւնը, տեղական առեւտուրը միայն ազգային դրամանիշով կատարելու որոշումը, Հայաստանի կեդրոնական դրամատան օտար դրամանիշերու պահեստներուն աճը, եւ այլն։

Իշխանութիւնները նաեւ կ’առարկէին, որ դրամի արժեւորումը նպաստած է սղաճի կասեցումին։ Այս քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, կ’ըսէին անոնք, սպառողական ապրանքներու գիները մեծ մագլցում չեն արձանագրած, շնորհիւ արժեւորուած դրամի գնողական ուժին։ (Դժուար է տեսնել, թէ դրամի արժեւորումը ինչքանով նպաստած է սղաճի կասեցումին։ Հայաստանի բնակիչները եւ յաճախ հայրենիք այցելող սփիւռքահայերը կրնան վկայել, թէ ինչքա՜ն սղած է կեանքը Հայաստանի մէջ եւ որքա՛ն թանկացած են սննդամթերքն ու սպառողական ապրանքները)…

Հիմա, երբ ամբողջ աշխարհը կլանուած է ֆինանսական տագնապով եւ զարգացած բազմաթիւ երկիրներու տնտեսութիւնները մեծ ցնցումներու կ’ենթարկուին, Հայաստան եւս սկսած է զգալ տագնապին հետեւանքները, թէեւ դեռ երկու ամիս առաջ, իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ տագնապը այդքան մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի վրայ։ Մեծ եկամուտներ ապահովող մետաղներու արտածումները գրեթէ դադրած են եւ հանքերու մէջ աշխատողները մնացած են անգործ, զգալիօրէն նուազած են դուրսէն ուղարկուող գումարները, եւ ինչպէս ամէն տեղ՝ անկում արձանագրած է անշարժ գոյքի առեւտուրը։

Տնտեսական կայունութիւնը եւ ֆինանսական ցնցումներէ խուսափիլը այս օրերուն դարձած են Հայաստանի իշխանութիւներուն առաջնահերթ մտահոգութիւնները։ Արդէն իսկ բոլորն ալ համոզուած են, որ արագ արժեւորուած դրամը կրնայ շատ աւելիով կորսնցնել իր արժէքը եւ քաոսային վիճակի մատնել տնտեսութիւնը։

Անշուշտ, այս ցնցումներէն առաջին տուժողները պիտի ըլլան անգործները, դուրսի եկամուտներէն կտրուած բազմահազար քաղաքացիները եւ սահամանափակ գումարներով ապրող հազարաւոր ընտանիքները։ Իսկ անոնք, որոնք դրամի արժեւորումէն մեծ օգուտներ քաղեցին ու իրենց միլիոններուն վրայ քանի մը տասնեակ միլիոն եւս աւելցուցին, այդքան ալ մտահոգուելու պատճառ պիտի չունենան, որովհետեւ միշտ հնարաւորութիւնն ու լծակները ունին այլ միջոցներով շարունակելու իրենց շահամոլական գործունէութիւնը։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Յարգելի Րաֆֆի,

Կարդացի Ձեր «Գերեզմաններն ու՞մ թողնեն…» գրութիւնը դեռ «Ասպարէզը» չցրուած, Երեքշաբթի երեկոյեան, համակարգիչով: Կլէնտէյլում, Հայաստանի իմ ընկերներից Կարէնը ասել էր ինձ այս նախադասութեան մի այլ տարբերակը. «Արա, Աբուլիկը Երեւանում եօթ հատ գերեզման ա պահում. մալադե՛ց իրան»: Գերեզման պահելը մարդ պահելու պէս մի բան էր ստացւում: Անցեալ ամրանը, երբ Երեւանում էի, հասկացայ, թէ դա ինչ է նշանակում: Միայնակ ապրող հօրաքոյրս տարաւ ինձ ցոյց տալու իր ծնողների (իմ տատիկի եւ պապիկի) գերեզմանը, որ կարգաւորել էր եւ՝ լռելեայն դասաւորել իր տեղը: Բոլորս այստեղ ենք: Ինքն էր հոգում իր գերեզմանը ողջ ժամանակ: Եւ ցոյց էր տալիս անտէր շիրիմներ, որոնք վերավաճառւում էին առասպելական գներով: Փաստօրէն Աբուլիկը արտագաղթած իր գերդաստանի Երեւանում մնացած միակ ընտանիքն էր եւ բոլորի փոխարէն, տէր էր կանգնում այդ գերեզմաններին: Նիւթական օժանդակութիւնը գնում է այստեղից, իսկ «ողջ կենացներն» ու բաժակաճառերը խմւում են այստեղ: Եւ գերեզմանները յաջորդաբար ժառանգւում են ծանօթ-բարեկամի, հարեւանի, մի կարիքաւորի, որպէս աշխատանք ու մի օր էլ վաճառւում են, եւ այդ անձը կար ու չկար, լինում է, չի լինում, մի մարդ է լինում անունը՝ Րաֆֆի, որ գրում էր այս պատմութիւնները…

Սիրելի Րաֆֆի, մխացող ծխի, մռմռացող վէրքի նման հարցի մասին էք գրել, անլուծելի, մշուշոտ: Ստացւում է, որ մահից յետոյ էլ ես քաշքշւում, դեռ այս անգամ՝ գերեզմանիդ հետ միասին: Տխուր է:

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՒՈՐԳԵԱՆ

karine@derkevorkian.com

«Գերեզմանները Ո՞ւմ Թողնեն…»
Մոսկուայի միջազգային օդակայանը, նախկին խորհրդային երկիրներու ամէնէն բանուկ եւ զբաղ օդակայանն է եւ, պէտք է խոստովանիլ, որ այդքան ալ հաճելի վայր մը չէ: Հանգստաւէտ պայմաններու բացակայութենէն բացի, շատ նեղացուցիչ են ապահովական եւ անվտանգութեան միջոցառումները: Բազմաթիւ ստուգումներէ եւ վերստուգումներէ ետք, օդանաւ չբարձրացած՝ անգամ մը եւս ճամբորդողներուն կը պարտադրուի հանել կօշիկ ու վերարկու, գօտի եւ դրամապանակ եւ խոշոր կամ լայն գրպաններ ունեցող որեւէ հագուստ: Օդակայաններու յատուկ այս «սթրիփթիզ»ը տեղի կ’ունենայ կոշտ ու կոպիտ, ստալինեան բռնակալութիւնը յիշեցնող պաշտօնեաներու խիստ, գրեթէ թշնամական հայացքներուն տակ:

Քանի մը օր առաջ, «Շերեմեթիեւօ» միջազգային օդակայանի անվտանգութեան քաւարանը յաջողութեամբ անցնելէ ետք, տեղաւորուեցայ Երեւան մեկնող օդանաւին մէջ ու խորունկ, երկա՜ր շունչ մը քաշեցի: Վայրկեան մը չանցած, քանի մը մեծ, ծանր տոպրակներ շալկած երիտասարդ մը, մեծ դժուարութեամբ իրերը նստարաններու վերեւը գտնուող պահարաններուն մէջ տեղաւորելէ ետք բարեւեց ու կողքս նստաւ: Կարճ ժամանակ մը ետք, ես ու երիտասարդը, որուն անունը Վաղօ էր, արդէն բարեկամներ դարձած՝ խօսեցանք աջէն ու ձախէն, մեզի հետաքրքրող բազմաթիւ նիւթերու մասին: Ես, սակայն, կուզէի գիտնալ, թէ 24 տարեկան Վաղոն, որ ծնած ու մեծցած էր Հայաստանի Գեղարքունիք մարզի Լուսակունք գիւղը, ի՞նչ գործ ունէր Մոսկուա եւ ինչո՞ւ այսպէս ուրախ, ձեռքերը տոպրակներով լեցուն տուն կը վերադառնար: Վաղոն պատմեց, թէ իրենք 3 եղբայրներ են, երեքն ալ 4 տարի առաջ գիւղին մէջ անգործ թափառելու փոխարէն, քանի ամսուան համար գացած են Մոսկուա՝ ճանապարհաշինական ընկերութեան մը մէջ աշխատելու: Հայաստանցի վարպետը գոհ մնացած է իրենց աշխատանքէն եւ չորս տարի շարունակ նորոգած է պայմանագրերը: Հայրն ու մայրը հանգստեան կոչուած ուսուցիչներ են, բայց ստացած թոշակներով նոյնիսկ սնունդի ծախսը չեն կրնար հոգալ: Երեք եղբայրներն ալ կ’օգնեն իրենց ծնողքին, մեծ հայրիկին ու մայրիկին: Ինքը տան կրտսերն է եւ միակը, որ տակաւին ամուսնացած չէ: Մեծ եղբայրը ամուսնացած է ռուս աղջկայ մը հետ, միջնեկը, որ իրմէ երկու տարիով մեծ է, տարի մը առաջ Հայաստանէն հարս տարած է Մոսկուա: Հիմա ինքն ալ, հօրը պնդումով, գիւղ կը վերադառնայ ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու: Տարի մը առաջ առիթ ունեցած էր ծանօթանալու հարսնցուին, ու թէեւ իրարու հետ ընդհանրապէս ժամանակ չեն անցուցած, սակայն ինք վստահ է, ինչպէս հայրը հաւաստած է, որ լաւ ընտրութիւն կատարած է:

«Անպայման կը գաս հարսանիքիս: Սպասում եմ», պնդեց Վաղօ եւ մեծ խանդավառութեամբ սկսաւ բացատրել գիւղի ճամբան ու տան հասցէն: «Կը փորձեմ» պատասխանեցի ու հարցուցի, թէ ամուսնութենէն ետք ո՞ւր պիտի ապրին: «Ի հարկէ Մոսկուա: Մոսկուան չեմ սիրում, հարազատ չի, բայց գործս ընտեղ ա, էլի», պատասխանեց:

Մտածեցի երեք երիտասարդ զաւակներ Մոսկուա ճանապարհած ծնողներուն մասին: «Իսկ հայրդ ու մայրդ Հայաստա՞ն պիտի մնան, թէ պիտի միանան ձեզի» հարցուցի: Վաղօ պահ մը լուռ մնաց: «Չէ ախբէր ջան, չէ էլի: Ես յետ կը գամ: Մեծ եղբայրս կարող ա չգայ, բայց ես յետ կը գամ: Իմ պապու պապը, նրա պապու պապը թաղուել են մեր գիւղի գերեզմանոցում, իմ հայրը ասում ա ռուսի հող չի մտնի: Բա էդ գերեզմանները ո՞ւմ թողնենք», շատ լուրջ պատասխանեց Վաղօ:

Օդակայանէն դուրս գալու պահուն Վաղօ դարձեալ պնդեց, որ ներկայ ըլլամ հարսանիքին ու ծանր տոպրակներն ու նուէրներով լեցուն ճամպրուկները քաշկռտելով՝ անհետացաւ մարդկային բազմութեան մէջ: Քանի մը օրէն Վաղօ պիտի ամուսնանայ: Ամբողջ գիւղով խնճոյք պիտի ընեն ու նորապսկաներուն կենացը պիտի խմեն՝ ամենայն լաւն ու բարին մաղթելով անոնց: Ափսոս, որ ներկայ պիտի չկրնամ ըլլալ ու կը ցաւիմ, որ մոռցայ կանխաւ շնորհաւորելու անոնց ամուսնութիւնը: Վաղոն շուտով իր հարսին հետ պիտի մեկնի Մոսկուա, հսկայ բայց խորթ այդ քաղաքին մէջ կազմելու իր բոյնը: Պիտի վերադառնա՞յ արդեօք Լուսակունք, թէ պիտի կտրուի իր հայրենի հողէն ու ջուրէն, իր պապիկին ու պապիկի պապերուն շիրիմներէն:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Նոր Տարին. Հին ու Նոր Հարցեր, Հին ու Նոր Յոյսեր
Մօտ մէկ ամիս բացակայ էի Հայաստանէն եւ մոռցած էի, թէ ինչքա՜ն տարբեր է Հայաստանի մէջ ըլլալը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի օրերուն: Ամանորէն առաջ եւ Ամանորէն վերջ տարբեր երկիր, ուրիշ աշխարհ կը դառնայ Հայաստանը: Ամանորէն առաջ, շուկաները կը վխտան նուէր ու մանաւանդ ուտեստեղէն գնող ժողովուրդով, իսկ Երեւանի բոլոր ճամբաներու հեղձուցիչ խճողումները պարզապէս անտանելի կը դարձնեն արտասովոր այս մթնոլորտը: Նոր Տարին կը դիմաւորուի հայկական աւանդական կերուխումով, իսկ Դեկտեմբեր 31ին սկսած պաշտօնական արձակուրդը կ’երկարի մինչեւ Յունուար 7:

Այս շրջանին, տարօրինակ, բայց հաճելի խաղաղութիւն մը կը տիրէ երկրին վրայ: Փակ կը մնան պաշտօնական եւ մասնաւոր հաստատութիւնները եւ մարդիկ ամբողջ մէկ շաբաթ զիրար կ’այցելեն՝ շնորհաւորելով միմիանց Նոր Տարին ու Ս. Ծնունդը: Մէկ շաբաթ շարունակ բոլորին դռները կը մնան բաց, մարդիկ՝ հիւրընկալ, իսկ սեղանները՝ ճոխ ու զեխ: Հայաստան, այս շրջանին, կարծէք կը կտրուի արտաքին աշխարհէն, կը մոռցուին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ հարցերն ու վէճերը, քաղաքներն ու գիւղերը կ’ընկղմին անդորրութեան մէջ, իսկ ճամաբաներու խճողումները կ’անհետանան ու շուկաներու առեւտուրը ամբողջութեամբ կանգ կ’առնէ… After Chrsitmas, New Year sale-երը, խանութներու վրայ երեւցող զեղչերու շքերթները եւ շուկաներու մէջ մարդոց վազվզուքները կը սկսին Յունուար 8ին, ոչ թէ Ամանորէն անմիջապէս ետք՝ 2 Յունուարին:

Հիմա Յունուարի վերջն ենք արդէն եւ Նոր Տարուան առաջին օրերուն գրեթէ անիրական, երազային խաղաղութիւնը անցած է այլեւս: Հայաստանի քաղաքներուն, բայց մանաւանդ Երեւանի կեանքը իր սովորական հեւքոտ ընթացքին մէջ է: Փողոցները՝ ձիւնածածկ ու սառցապատ, աւելի եւս կը դժուարացնեն վերջին տարիներուն արդէն իսկ անտանելի դարձած ինքնաշարժներու եւ մարդոց անկազմակերպ երթեւեկութիւնը:

Նոր Տարիէն առաջ, երբ մարդիկ իրենց ունեցածն ու չունեցածը կը ծախսէին Ամանորի սեղանը պատրաստելու համար, ֆինանսական տագնապի ու տնտեսական ճգնաժամի մասին մտածելու եւ խօսելու ժամանակ չէին գտներ: Հիմա, երբ ամբողջ աշխարհը, Հայաստանը ներառեալ, սկսած է զգալ տագնապին յառաջացուցած հետեւանքները, մարդոց զրոյցներուն մէջ անխուսափելի տեղ գրաւած են տոլարն ու դրամի արժէքը, Օպամայի նախագահ դառնալն ու Ռուսիոյ մէջ ծայր առած տնտեսական դժուարութիւնները, կազի սակին հաւանական բարձրացումը, հացի գինն ու Հայաստանի հանքերու գործաւորներուն աշխատավարձերու կրճատումը…

Իսկ շատեր չեն գիտեր, որ 2009 տարին ի՞նչ անակնկալներ վերապահած է իրենց: Տարիներով ապրած են այսպէս, օրը օրին, առանց իմանալու, թէ վաղը ի՛նչ պիտի բերէ, ի՛նչ պիտի պատահի, բայց կրցած են տոկալ, դիմանալ ու գոյատեւել: Տնտեսական ու ֆինանսական տագնապները նորութիւն չեն իրենց համար: Իրենց ամբողջ կեանքը եղած է տագնապալի: Բայց ապրած են յոյսով, հաւատքով, կամ պարզապէս՝ այլ ելք չեն ունեցած ու համակերպած են իրենց ճակատագրին: Բոլորն ալ, սակայն, Ամանորի գիշերը, բաժակները բարձրացուցած ու լաւագոյն մաղթանքներով դիմաւորած են Նոր Տարին: Հիմա բոլորը իրենց գործին են՝ տարուած իրենց առօրեայ հոգսերով:

Նոր ու հին հարցեր, նոր ու հին յոյսեր պիտի շարունակեն խանգարել կամ խանդավառել իրենց առօրեան: Նոր Տարին արդեօք ի՞նչ պիտի բերէ իրենց՝ նորանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ ապրող մեր հայրենակիցներուն:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Լեզուն Հայերէնն Է
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, առեւտրական բոլոր հաստատութիւնները, մեծ ըլլան անոնք, թէ փոքր, մասնաւոր ըլլան, թէ բաժնետիրական, պարտաւոր են ունենալ ստացական տպող՝ հաշուիչ դրամարկղային մեքենաներ: Իւրաքանչիւր առքուվաճառքէ ետք, գնումները պէտք է գրանցուին մեքենային մէջ, ապա տպուած ստացականը պէտք է տրուի յաճախորդին: Այս որոշումին նպատակը հարկահաւաքը բարելաւել է՝ կանխիկ առեւտուրը սահմանափակելով:

Հիմա բոլոր խանութները, մեծ մասը վստահաբար մեծ դժկամութեամբ, տեղադրած են այս մեքենաները եւ յաճախորդներուն բոլոր գնումները գրանցելէ ետք, կը տրամադրեն ստացականներ: Հարկային վարչութեան տեսուչները՝ յաճախ ծպտուած իբրեւ յաճախորդներ, մուտք կը գործեն առեւտրային հաստատութիւններ, ճաշարաններ կամ սպասարկման տարբեր հաստատութիւններ եւ անմիջապէս տուգանք կը գրեն բոլոր անոնց, որոնք չեն յարգեր տպիչ մեքենաներով առեւտուր կատարելու օրէնքը:

Պէտք է ըսել, որ քանի մը շաբաթէ ի վեր, մեծ ու փոքր խանութներու մէջ կատարած առեւտուրս աւարտած է օրէնքի կատարեալ գործադրութեամբ, այնքան, որ հարկային մարիմինները զիս կրնան վկայութեան կանչել, եթէ ուզեն ցոյց տալ, թէ առեւտրական հաստատութիւններէն հարկեր հաւաքելու իրենց միջոցառումները որքա՛ն ազդու եղած են: Ըսեմ նաեւ, որ առանձնապէս հարկահաւաքը բարելաւելու միտող քայլերէն դժգոհելու պատճառ չունիմ, մանաւանդ, որ խանութի սեփականատէր չեմ եւ կանխիկ «փող աշխատելու» ոչ նպատակ ունիմ, ոչ ալ հմտութիւն: Ինծի համար մտահոգիչը, այս պարագային, հայերէն լեզուի մասին օրէնքի խախտումն է: Ամէն անգամ, որ մտնեմ «ՍԱՍ», «Սթար» կամ «Երեւան Սիթի» կոչուող խոշոր խանութները, դուրս գալու ժամանակ, միշտ նոյն զրոյցը կ’ունենամ յատկապէս յաճախորդներու սպասարկման վերապատրաստումներէ անցած ժպտադէմ պաշտօնեաներու հետ:

– «Ստացականը ինչո՞ւ ռուսերէն է», կը հարցնեմ շատ լուրջ եւ խոժոռադէմ:

– «Աբարատները ռուսերէն են, էլի…», կը պատասխանէ գեղադէմ աղջիկը:

– «Բայց Հայաստանի պետական լեզուն հայերէն է եւ օրէնքը կը պահանջէ, որ ամէն ինչ հայերէնով գրուի», կ’ըսեմ՝ գիտնալով հանդերձ, թէ ի՛նչ պատասխան պիտի ստանամ:

– «Ես ոչ մի բան չեմ կարող անել, կարող էք տնօրէնի հետ խօսել…»:

Գիտեմ, որ ես չեմ կրնար լեզուի մասին օրէնքը պարտադրել: Բայց որոշած եմ կարելիս ընել, որպէսզի օրէնքը ոչ միայն հարկ հաւաքելու, այլ բոլոր արժէքները պահպանելու համար գործադրուի: Բաց ու պաշտօնական նամակներ պիտի յղեմ համապատասխան մարմիններու՝ հարկային վարչութեան, մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութեանց եւ բոլոր անոնց, որոնք կապ ունին այս հարցին հետ: Ընթերցողներն ալ կրնան միանալ ինծի: Հաւանաբար հաւաքական ճիգերով կարողանանք պարտադրել, որ օրէնքը ոչ միայն ծառայէ հարկահաւաքին, այլեւ՝ մշակութային եւ արժէքներու պահպանման, եւ առաջին հերթին՝ հայ լեզուի մասին որոշումներու գործադրութեան:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Իսկական Հայրենադարձը
Այս շաբաթ որոշած էի գրել Հայաստան հաստատուած եւ վերջերս քաղաքացի դարձած լիբանանահայ ընկերներէս մէկուն հայրենական փորձառութիւններուն մասին, որպէսզի կատարած ըլլամ այս սիւնակով հայրենիք տեղափոխուած սփիւռքահայերու կեանքին եւ փորձառութիւններուն անդրադառնալու խոստումս։ Քանի մը օր առաջ, սակայն, Լոռի մարզի Թումանեան գիւղ կատարած այցելութիւնս պատճառ դարձաւ, որ յետաձգեմ վերոնշեալ նիւթին մասին գրելու որոշումս։ Խոստմնադրուժ ըլլալուս համար, լիբանանահայ ընկերոջմէս եւ ընթերցողներէն ներողութիւն կը խնդրեմ:

Քանի մը օր առաջ գործընկերներուս հետ այցելեցինք Լոռիի շրջան։ Վերադարձին, կանգ առինք անտառներու մէջ ծուարած Թումանեան գիւղը, ուր պիտի հանդիպէի Քոյր Աննային, Լոս Անճելըսէն ուղարկուած ծրար մը յանձնելու նպատակով։ Քոյր Աննային ծանօթ էի իմ ծննդավայր Այնճար հայաւանէն։ Իմ յաճախած Աւետարանական վարժարանի գիշերօթիկի պատասխանատուներէն էր։ Երբ Լոս Անճելըսի ընկերներէս Վարդանը շաբաթ մը առաջ հեռաձայնեց եւ խնդրեց իր ուղարկած ծրարը հասցնել Սիսթըր Աննային, «Սիսթըր Աննան Հայաստա՞ն է», հարց տուի զարմացած։

Քոյր Աննան գերմանացի մայրապետ մըն է, որուն կեանքը անքակտելի կարպով մը հանգուցուած է հայութեան ու Հայաստանի հետ։ 1959ին, Հիլֆըսպունտ միսիոնարութեան հրաւէրով, 29 տարեկան Քոյր Աննան կը թողու իր ծննդավայր Գերմանիան եւ կը տեղափոխուի Լիբանանի Այնճար հայաւանը, ծառայելու համար տեղւոյն վարժարանի գիշերօթիկին։ 22 տարի անդադար, Քոյր Աննան իր կեանքը կը նուիրէ Լիբանանի եւ այլ երկիրներէ Այնճարի գիշերօթիկ ուղարկուած, առ հասարակ կարիքաւոր ընտանիքներէ եկող հարիւրաւոր հայ երեխաներու։ Կը լուայ, կը կերակրէ, կը հոգայ, կը խնամէ՝ մայրական գուրգուրանքով ու սիրով, ժպիտով ու խանդաղատանքով։ Կը դառնայ բոլորին քոյրը, յարգուած ու սիրուած բոլորէն անխտիր, գիշերօթիկի մէջ եւ գիշերօթիկէն դուրս։ 1981ին, Սիսթըր Աննան հիւանդութեան պատճառով ստիպուած կը վերադառնայ Գերմանիա, ուր կ’ենթարկուի վիրահատութեան։ Քանի մը ամիս չանցած՝ հազիւ ոտքի կանգնած, դարձեալ կու գայ Լիբանան եւ երեք տարի նոյն նուիրումով կը ծառայէ Պէյրութի եւ Հալէպի հայկական ծեռանոցներուն մէջ՝ խնամելով հայ մամիկներն ու պապիկները։ 1984ին կը կանչուի Գերմանիա, ուր կը մնայ 12 տարի՝ ստանձնելով անկելանոցի բժշկական բաժնի պատասխանատուութիւնը։ 2006ին հանգստեան կը կոչուի եւ իրեն կ’առաջարկուի հանգիստ կեանք՝ իր ծննդավայր Գերմանիոյ մէջ։

Հայաստանի մէջ քոյր Աննային հետ հանդիպումը հաճելի անակնկալ մըն էր ինծի համար։ Ողջագուրուելէ եւ ընկերոջս ուղարկած ծրարը յանձնելէ ետք, «Հայաստան ի՞նչ գործ ունիք», հարց տուի կատակով։ Պատմեց, որ հանգստեան կոչուելէ տարի մը ետք, դարձեալ ուզած է վերադառնալ իր սիրած ժողովուրդին, բայց այս անգամ ոչ թէ Սփիւռքի, այլ Հայաստանի մէջ։ Երեք տարի աշխատած է Երեւանի եւ Ղարաբաղի ծերանոցներուն մէջ՝ օգնելով հիւանդին ու անկարին, մինակ մնացած ու անտեսուած ծերունիներուն։ Յետոյ մեկնած է Տաւուշ մարզի Բերդ քաղաքը, ուր հիմնած է աղքատներուն անվճառ սնունդ տրամադրող խոհանոց մը (soup kitchen)՝ ամէն օր, ճաշ տրամադրելով աւելի քան 100 մարդու։ 6 տարի ետք, նոյն աշխատանքով տեղափոխուած է Թումանեան, ուր կը մնայ մինչեւ այսօր եւ ամէն օր սնունդ կը տրամադրէ 75 քաղաքացիներու, մեծաւ մասամբ հանգստեան կոչուած կարիքաւոր ծերունիներու։

«Բայց ինչո՞ւ հանգստեան կոչուելէն ետք Հայաստան գալ», հարցուցի ես, մինչ հայաստանցի գործընկերներս հիացմունքով կը լսէին Քոյր Աննային մաս մաքուր Արեւմտահայերէնը։

«Աստուած զիս հայերուն մէջ ուղարկեց։ Ես ուրիշ երթալիք տեղ չունիմ», պատասխանեց քոյր Աննան։

«Դուք իսկական հայրենադարձ էք։ Աւելի՛ հայրենասէր քան բոլոր նրանք, ովքեր խօսում են, բայց խօսելուց էն կողմ ոչ մի բան չեն անում», ըսաւ Քոյր Աննայով հմայուած գործընկերս՝ Արայիկը։ Քոյր Աննան բարի ժպիտով մը ներողութիւն խնդրեց եւ վերադարձաւ իր աշխատանքին։ Վերադարձին, ընկերներս հետաքրքրուեցան Քոյր Աննային կեանքով: Պատմեցի այն ինչ գիտէի եւ միաժամանակ անդրադարձայ, թէ ինչքա՜ն ճիշդ էր Արայիկը:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Քաշաթաղ՝ Հայաստանի եւ Արցախի Պորտակապը
Ընկերս՝ Ռալֆ Երիքեանը, որ «ՎիվաՍէլ-Էմ.Թի.Էս.» եւ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութիւններու ընդհանուր տնօրէնն է, իր պաշտօնին բերումով ամիսը գոնէ երկու անգամ Ստեփանակերտ կ’այցելէ: Միօրեայ այս այցելութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենան Շաբաթ օրերուն, զբօսաշրջիկային հանգստաւէտ պտոյտներ չեն, այլ զուտ աշխատանքային բնոյթ ունին: Ռալֆը առաւօտ ժամը 4:30ին կ’արթննայ ու մէկ ժամ ետք ճամբայ կ’իյնայ դէպի Ղարաբաղ եւ մօտ 350 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող Երեւան-Ստեփանակերտ լեռնային դարձդարձիկ ճանապարհը կը կտրէ 3:45 ժամէն: Անցեալ Շաբաթ որոշեցի ընկերանալ Ռալֆին եւ Ղարաբաղի մէջ ինծի ընձեռուած քանի մը ժամը օգտագործել՝ հին ընկերներ տեսնելու, եւ զրուցելու անցած ու գալիք օրերու մասին:

Առաւօտ ժամը 5:30ին ճամբայ ինկանք եւ երեք ժամ չանցած՝ հասանք Բերձոր, նախկին Լաչին քաղաքը, որ Հայաստանը Արցախին կապող Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհի եթէ ոչ միակ, գէթ մեծագոյն բնակավայրն է: Լաչինի միջանցքը հայկական ուժերուն կողմէ ազատագրուեցաւ 1992ին, Շուշիի պատմական ազատագրումէն կարճ ժամանակ մը ետք: Նկատի ունենալով այս միջանցքին ռազմավարական կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները որոշեցին անմիջապէս հայկական բնակավայրեր հաստատել Լաչին քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Շրջանը վերանուանուեցաւ Քաշաթաղ, իսկ Լաչին քաղաքը կոչուեցաւ Բերձոր:

Իշխանութիւնները յատուկ քաղաքականութեամբ (ինչպէս՝ հարկերէ ազատում, տուներու անվճար տրամադրում, ձրի ելեկտրականութիւն եւ այլն) քաջալերեցին Հայաստանի եւ այլ շրջաններու հայութեան Լաչին տեղափոխութիւնն ու բնակութիւն հաստատելը: Իննսունականներու սկիզբը, մանաւանդ երբ ծանր էր Հայաստանի ընկերատնտեսական վիճակը եւ համատարած էր աղքատութիւնը, բազմաթիւ ընտանիքներ, քաջալերուելով իշխանութիւններուն տրամադրած հնարաւորութիւններէն՝ փոխադրուեցան Քաշաթաղի շրջան եւ փորձեցին տուն-տեղ ստեղծել հայրենի ազատագրուած այս տարածքին վրայ: Իննսունականներու վերջաւորութեան, երկու հազար քառակուսի քիլոմեթր Քաշաթաղի բնակչութեան թիւը, ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, աճելով հասած էր շուրջ 13 հազարի:

Բերձորի մէջ խումբ մը ընկերներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացանք, որ վերջերս շրջանի բնակչութեան թիւը ոչ միայն աճ չէ արձանագրած, այլ սկսած է նուազելու, մտահոգելով թէ՛ ժողովուրդը, եւ թէ՛ Արցախի քաղաքական ղեկավարութիւնը:

Քաշաթաղի գիւղական շրջաններէն դէպի Երեւան հոսքին պատճառը տնտեսական տագնապն է: Մարդիկ պարզապէս չեն դիմանար ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ կը մեկնին Երեւան՝ գործ ճառելու եւ ընտանիք պահելու համար: Նախապէս հակառակ ուղղութեամբ էր հոսքը, քանի որ վատ էին Հայաստանի պայմանները, իսկ ազատագրուած այս շրջանները բնակեցնելու պետական քաղաքականութիւնը առնուազն գրաւիչ էր ու քաջալերական: Հիմա, կարծէք քաջալերական բան չէ մնացած այս հողամասին վրայ:

Ստեփանակերտ հասնելով՝ նոյն զրոյցը շարունակեցինք մեր ծանօթներուն հետ: Իմացանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ղեկավարները արդէն իսկ մէկ օր առաջ այցելած են Բերձոր եւ այլ բնակավայրեր, ու ծանօթացած են շրջանի պայմաններուն: Անոնք խոստացած են դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն դարձնել Քաշաթաղը, քանի որ անիկա ոչ միայն ճանապարհ է կամ սոսկ վարչական տարածք, այլեւ՝ Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող անփոխարինելի պորտակապը, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող միջանցք:

Ղարաբաղէն վերադրարձին որոշեցինք քիչ մը աւելի երկար ժամանակ անցնել Բերձորի մէջ եւ ծանօթանալ շրջանի ժողովուրդի ապրելակերպին ու դժուարութիւններուն: Այս մասին սակայն՝ յաջորդ շաբաթ:

Գրեցէ՛ք ինծի

rafdoud@aol.com

Հայաստանը Միայն Երեւան Չէ
Բազմաթիւ ընթերցողներ յաճախ ինծի կը գրեն, որ Հայաստանը միայն Երեւան չէ եւ ես, աւելի անաչառ եւ արդար ըլլալու համար, պէտք է նաեւ գրեմ հեռաւոր ու մանաւանդ՝ սահմանամերձ գիւղերուն մասին, որոնց վիճակը այդքան ալ նախանձելի չէ, չըսելու համար՝ ողբերգական: Այս շաբաթ որոշեցի գրել այս գիւղերէն մէկուն մէջ ապրող ընտանիքի մը մասին, ոչ միայն բաւարարելու համար ընթերցողներուն պահանջը, այլեւ ցոյց տալու, թէ ինչքա՛ն ճիշդ է, իրենց իսկ բառերով՝ «Հայաստանը միայն Երեւան չէ» նկատողութիւնը:

Քանի մը օր առաջ, կրթական եւ առողջապահական յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու մասին մեր վաղուց սկսած ուսումնասիրութիւնը շարունակելու մտադրութեամբ, երեք գործընկերներով այցելեցինք Երեւանէն ընդամէնը 100 քիլոմեթր անդին գտնուող Բագարան գիւղը, որ Արմաւիր մարզի սահմանամերձ գիւղերէն է՝ աւելի քան 150 տուներով եւ 540 բնակիչներով: Եթէ առիթը ունենաք Երեւանէն ինքանաշարժ մը վերցնելու եւ 70-80 վայրկեան քշելով այս գիւղը այցելելու, պիտի անդրադառնաք, որ իրօք, մայրաքաղաքէն եւ մարզկեդրոններէն քիչ մը հեռու գտնուող գիւղերը ոչ միայն չեն վայելեր վերջին տասնամեակի տնտեսական վերելքի բարիքները, այլ ընդհակառակը, բոլորն ալ կարծէք շարունակական անկումի մէջ են եւ ընդամէնը քանի մը տարիէն պիտի վերածուին «կոսթ թաուն»երու:

Գործընկերներուս հետ այցելեցինք Մարինէին բնակարանը, որ բնակարանէ զատ՝ ամէն ինչի կը նմանէր: Փոքր այգիի մը մէջտեղը կառուցուած սենեակ մը, մերկ ու ցուրտ պատերով, իսկ տնակէն քանի մը մեթր անդին՝ փոքրիկ լուացարան մը, որ Մարինէն կ’օգտագործէ ամաններ լուալու, լուացք ընելու, լոգնալու եւ այլ կարիքներ բաւարարելու համար: Ան ունի չորս տարեկան երեխայ մը՝ Արմէնը, որ իր կեանքի 4 տարիներուն ընթացքին միայն մէկ անգամ բժիշկի այցելած է: Արմէնը կամ Արմէնչիկը (այդպէս կը կանչեն զինք գիւղին մէջ) Մարինէին երրորդ զաւակն է, բայց ան մնացած է առանց քրոջ եւ եղբօր, քանի որ անոնք, իր ծնելէն դեռ շատ առաջ մահացած են տարբեր հիւանդութիւններու պատճառով: Արմէնը քիչ մը աւելի բախտաւոր կը թուի ըլլալ, քանի որ ան արդէն 4 տարեկան է եւ եթէ, մօրը խօսքերով, վատ բան չպատահի, յաջորդ տարի արդէն պիտի սկսի յաճախելու գիւղին վարժարանը: Արմէնչիկին հայրը մահացած է երեք տարի առաջ, երբ դեռ ան մէկ տարեկան էր: Մայրը՝ Մարինէն, այգիի միրգն ու կանաչեղէնը վաճառելով եւ տարին քանի մը ամիս այլոց պարտէզներուն մէջ աշխատելով՝ հազիւ ի վիճակի է կտոր մը չոր հացի գումար վաստակելու:

Բարեբախտաբար, Ռուսիա արտագնայ աշխատանքի մեկնած իր եղբայրը, տարին մէկ կամ երկու անգամ, քանի մը հարիւր տոլար կ’ուղարկէ եւ կը թեթեւցնէ Մարինէին բեռը: Մարինէն բազմիցս դիմած է մարզպետարան եւ տարբեր նախարարութիւններ՝ պետական նպաստ ստանալու խնդրանքով: Ցարդ իր դիմումները մնացած են անպատասխան, թէեւ գիտէ, լսած է, որ աղքատներուն համար մեծ գումարներ եկած են դուրսէն եւ իր նմաններուն համար պետական օգնութեան ծրագիրներ գոյութիւն ունին: Իր միակ յոյսը եղբայրն է: Եթէ ան ուզէ, կրնայ իրեն եւ Արմէնչիկին Ռուսիա տանիլ: Արդէն մեծ թիւով գիւղացիներ մեկնած են ռուսական տարբեր քաղաքներ եւ բոլորն ալ հիմա աւելի լաւ վիճակի մէջ են, քան էին Հայաստան: Բայց լսած է, որ հիմա Ռուսիոյ մէջ ալ գործերը լաւ չեն, եւ արտագնայ աշխատանքի մեկնած բազմաթիւ հայեր յանկարծ կրնան գործէ արձակուիլ: Աստուած մի արասցէ, եթէ իր եղբայրն ալ անգործ դառնայ, ինք արդէն կորսնցուցած կ’ըլլայ իր վերջին յոյսը: Միայն թէ եղբայրը գործէ չարձակուի: Ի վերջոյ, եղբօրը ուղարկած գումարներով էր, որ վերջերս գացած էր Երեւան՝ Արմէնչիկին բժիշկի տանելու համար: Նոյն գումարներով էր, որ ան կրցած էր գնել բժիշկին ճշդած դեղերը եւ քիչ մը աւելի սննդարար ուտելիք…

Սա է Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերէն՝ Բագարանի բնակիչ Մարինէին եւ իր ընտանիքին պատմութիւնը: Եւ դժբախտաբար, Երեւանի կեդրոնէն քիչ մը անդին, բայց մանաւանդ՝ հեռաւոր գիւղերուն մէջ, նմանօրինակ պատմութիւններու պակաս չկայ:

Այո՛, համաձայն եմ ընթերցողներու դիտողութեան, Հայաստանը միայն Երեւան չէ…:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Խճողում, Խցանումներ Եւ Ստորգետնեայ Կանգառներ
Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մայրուղիներուն վրայ եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ խճողում ըսուած բանը գոյութիւն իսկ չունէր։ Անցած Կիրակի օր, խումբ մը ընկերներով որոշեցինք Սեւանայ լիճ այցելել՝ ձմեռնամուտէն առաջ վերջին անգամ ըլլալով վայելելու անոր գեղեցիկ բնութիւնը եւ համեղ ձուկը։ Նախապէս Սեւանէն Երեւան վերադարձը կը տեւէր 40-45 վայրկեան, ամենավատ պարագային՝ մէկ ժամ։ Անցած Կիրակի, սակայն, նոյն ճանապարհը կտրեցինք մէկուկէս ժամէն։ Երեւան տանող M–4 միջազգային մայրուղին խճողուած էր Սեւանէն եւ շրջակայ գիւղերէն վերադարձող հարիւրաւոր ինքնաշարժներով, իսկ ճանապարհային ոստիկանները, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին այդքան խճողում չէին տեսած, ոչ ալ հմտութիւնն ու կարողութիւնը ունին ծանրաբեռնուած պողոտաներ ղեկավարելու, քրտինքներու մէջ ընկղմած՝ կը փորձէին կարգի բերել հետզհետէ անհամբեր դարձող վարորդները։

Վերջին քանի մը տարիներուն աւելի քան հարիւր հազար ինքնաշարժ ներմուծուած է Հայաստան։ Մեծ մասը, բնականաբար, վաճառուած է Երեւանի բնակիչներուն, որոնց կենսամակարդակն ու եկամուտը աւելի բարձր է քան այլ քաղաքներու բնակիչներունը։ Մայրաքաղաքի ղեկավարները՝ քաղաքապետը, թաղապետերն ու աւագանին, կը խոստովանին, որ քաղաքը այնքան մեծ քանակով ինքնաշարժի երթեւեկութեան համար պատրաստ չէր եւ չունի անհրաժեշտ կառոյցներն ու հնարաւորութիւնները (կանգառներ, երթեւեկութեան նոր, արդիական լոյսեր, եւ այլն)։ Այս օրերուն, եթէ որոշէք Կեդրոնէն անցնելով Երեւանի մէկ ծայրամասէն միւս ծայրամասը երթալ, կրնաք աւելի քան մէկ ժամ խճողումի (հայաստանեան բառապաշարով՝ խցանումի) բռնուիլ եւ ինքնաշարժին մէջ անհանգստանալ ու բարկանալ։ Մեծ քաղաքներուն յատուկ այս երեւոյթը վերջին տարիներուն նորութիւն է Հայաստանի մէջ։ Նոյնիսկ վառելանիւթի երկինք հասած գիները չեն ազդած օրէ օր աւելի բազմացող ինքնաշարժներու ներմուծման եւ առքուվաճառքին վրայ։ Ժամանակին, միայն ռուսական լատաներ կը տեսնէինք Հայաստանի փողոցներուն վրայ, այսօր, սակայն, եւրոպական, ճափոնական, ամերիկեան եւ նոյնիսկ չինական եւ հնդկական ինքնաշարժներու ընկերութիւններ ցուցասրահներ եւ վաճառասրահներ բացած են Երեւանի մէջ եւ բոլորն ալ, ըստ երեւոյթին, շահաբեր գործարք կը կատարեն:

Մայրաքաղաք տանող ճանապարհներու եւ Կեդրոնի խճողումները կամ խցանումները թեթեւցնելու համար, Երեւանի ղեկավարները ձեռնարկած են շարք մը միջոցառումներու։ Առաջին հերթին, Երեւանի կեդրոնին շուրջ կը կառուցուին նոր ճամբաներ, որոնց նպատակը մայրաքաղաքի կեդրոնին ծանրաբեռնուածութիւնը նուազեցնել է։ Իսկ Կեդրոնի տարբեր թաղամասերուն մէջ կը կառուցուին կամուրջներ եւ ստորգետնեայ անցումներ, որպէսզի վարորդները ամէն րոպէ կարմիր լոյսերու առջեւ չկանգնին։ Սկսած է նաեւ աննախընթաց, համարձակ այլ ծրագրի մը իրագործումը՝ ստորգետնեայ կանգառներու կառուցումը։ Օփերայի եւ այլ հրապարակներու տակ, աւելի քան 1000 ինքնաշարժներու համար կը շինուին ստորգետնեայ եռայարկ կանգառներ։ Շինարարական այս աշխատանքները պիտի աւարտին մէկուկէս–երկու տարիէն, մինչ այդ, անոնք աւելիով պիտի խանգարեն– կը խանգարեն արդէն– ինքնաշարժներու բնականոն երթեւեկութիւնը ու պատճառ կը դառնան յաւելեալ խճողում–խցանումներու։

Հայրենիք այցելելու նպատակ ունեցող ընթերցողներուն կը թելադրեմ, որ խճողումի բռնուելու պարագային համբերատար ըլլան եւ ըմբռնումով դիմագրաւեն զբօսաշրջիկներուն համար ոչ այդքան հաճելի այս երեւոյթը։

Ի վերջոյ, Հայաստանը զարգացող երկիր է եւ այս խցանումներն ու շինարարութիւնները մաս կը կազմեն այս գործընթացին եւ այս իմաստով՝ նաեւ դրական երեւոյթ են, մանաւանդ եթէ յիշենք, որ 15 տարի առաջ, պատերազմի թէժ տարիներուն, ո՛չ վառելանիւթ կար, ո՛չ ալ ինքնաշարժներու աշխուժ երթեւեկութիւն՝ Հայաստանի ճանապարհներուն վրայ։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

2790 Տարեկան
Հայաստանի մայրաքաղաքը 2790 տարեկան է։ Անցած շաբաթավերջին, երբ ամբողջ աշխարհը ֆինանսական տագնապի չարագուշակ լուրերով կը տառապէր, Երեւանի փողոցներուն մէջ մտահոգութեան նշոյլ իսկ չկար, ընդհակառակը՝ քաղաքի բոլոր թաղամասերուն մէջ տիրական էր տօնական մթնոլորտը։ Ամէն կողմ շողշողուն լոյսեր, երգահանդէսներ ու պարախումբեր, հրավառութիւններ։

2790 տարի առաջ, ք.ա. 782 թուականին, Ուրարտուի Արգիշտի Ա. թագաւորը, արարատեան աշխարհին վրայ իր իշխանութիւնը տարածելէ ետք, բազմաթիւ այլ աւաններու ու բնակավայրերու կողքին կառուցեց Էրեբունին, որ դարեր շարունակ տնտեսական, ռազմական եւ վարչական կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ տարածաշրջանին մէջ։ Մինչեւ այսօր դեռ եւս կանգուն մնացած են Էրեբունիի հետքերը, իսկ նոյն վայրին մէջ կառուցուած թանգարանը բոլոր այցելուներուն առիթ կու տայ ծանօթանալու հայոց հին քաղաքի պատմութեան եւ ճարտարապետութեան, եւ միեւնոյն ժամանակ տեսնելու թէ՛ թանկարժէք եւ թէ՛ առօրեայ կեանքին մէջ օգտագործուած պեղուած իրերը։

Հին ժամանակներէ ի վեր, Երեւանը եղած է կռուախնձոր՝ բոլոր այն ուժերուն միջեւ, որոնք փորձած են քաղաքական, զինուորական կամ տնտեսական հակակշիռ հաստատել շրջանին վրայ։ Բազմաթիւ ցեղախումբեր եւ ապա՝ պետութիւններ, ահեղ պատերազմներ մղած են հայոց այժմու մայրաքաղաքին վրայ։ Պարսիկներու, արաբներու, բիւզանդացիներու, թուրանական ցեղերու, օսմանցի թուրքերու ասպատակումները մահ ու աւեր սփռած են արարատեան դաշտին մէջ ու Երեւանը քարուքանդ ընելով՝ անոնք շարունակած են իրենց արշաւաքները դէպի արեւելք, հիւսիս, հարաւ եւ արեւմուտք։ Անխնայ եղած է նաեւ բնութիւնը, որ մահասփիւռ երկրաշարժներով քարուքանդ ըրած է ստեղծագործ հայ մարդուն կառուցած եկեղեցին, տաճարը, տունը… ամէ՛ն ինչ։ Արաբական ու պարսկական, Թրքական ու ռուսա-կան պատերազմներէն աւելի ճակատագրական եղած է Երեւանէն քանի մը տասնեակ քիլոմեթր հեռու գտնուող Սարդարապատի հերոսամարտը, որ Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն հետ, հայութիւնը փրկած է վերջնական բնաջնջումէ ու հիմը դրած՝ հայոց նոր պետականութեան։ Այդ օրերուն, ինչե~ր ըսէք, որ չէ տեսած Երեւանը… անօթի, ծառաւ, անպատսպառ հարիւր հազարաւոր գաղթականներ, որոնք ցեղասպանութենէն ճողոպրած՝ հազիւ եկած հասած են նորանկախ երկրի նոր մայրաքաղաքը, որուն բնակչութեան կարեւոր մէկ համեմատութիւնը թուրքեր էին, եւ մանաւանդ այդ օրերուն՝ դաւադիր ու դարանակալ։ Ու յետոյ՝ սովամահ եղող տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, մահասփիւռ հիւանդութիւններ, որոնց նաեւ զոհ գնաց Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Երեւանի փրկարար եւ նոյնինքն երեւանցնիներուն կողմէ դիկտատոր հռչակուած Արամ Մանուկեանը։

Ինչե~ր չէ տեսած Երեւանը, հայոց 2790 տարեկան մայրաքաղաքը։

Եկած գացած են հարիւրաւոր ցեղախումբեր՝ ասորիներ, պարթեւներ, սելճուքներ ու թուրքեր, բայց կանգուն է Երեւանը, համայն հայութեան բաբախող սիրտը։ Հո՛ս է Երեւանը՝ հայութեան ստեղծագործ հոգին պարփակող Մատենադարանով, իր բազմատասնեակ յուշարձաններով, թանգարաններով, Ծիծեռնակաբերդով, Եռաբլուրով եւ գերեվարուած, ալեհեր, բայց միշտ տիրակա՛ն, միշտ հզօ՛ր Մասիսով։

Համակ կեանք ու եռանդ է Երեւանը, օրէ օր աւելի լուսաւորուող թաղամասերով, նոր ճանապարհներով, շէնքերով, շուկաներով, եւ աշխարհի չորս կողմէն եկած՝ այցելու եւ հայրենադարձ հայերով։

Ի~նչ փոյթ, որ այսօր ալ կան դժուարութիւններ։ Ասոնք ալ կ’անցնին, ինչպէս որ անցան գացին ասպատակող վայրի ցեղերն ու պետութիւնները, սովն ու հիւանդութիւնները։

Դարեր կ’անցնին եւ Երեւանը կը մնայ պատանի…

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Անուններու Պատերազմ
Վերջին քանի մը շաբաթներուն բոլորիս ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն վրայ։ Ապտուլլահ Կիւլի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ պատմական որակուած հանդիպումը, Հայասպանութեան ճանաչման պահանջին վերաբերող մտահոգութիւնները, Արցախի տագնապի լուծման տարբերակներուն մասին լուրերը եւ այսօրինակ այլ նիւթեր թերթերու եւ լրատուական այլ միջոցներու մէջ առաջնահերթ տեղ գրաւեցին։ Քաղաքական ծանրակշիռ իրադարձութիւններու վերլուծութիւնը թողելով աւելի բանիմաց մարդկանց, այսօր ես պիտի անդրադառնամ այլ «կռիւի» մը, որ իր բնոյթով նորութիւն էր Հայաստանի մէջ։

Խօսքը կը վերաբերի Beeline եւ BiLine ընկերութիւններու միջեւ ծայր առած անուններու պատերազմին։ Առաջինը՝ Beeline–ը, քաղաքային եւ բջիջային հեռախօսային ընկերութիւն մըն է, նախապէս ծանօթ «Արմենթել» անունով։ Ընթերցողներու յիշողութիւնը թարմացներու համար ըսեմ, որ ռուսական «Վիմփըլքամ» ընկերութիւնը յոյներէն գնեց «Արմենթել»ը եւ զայն վերանուանեց Beeline։ Իսկ BiLine–ը, Հայաստանեան ընկերութիւն մըն է, որ «Վիմփըլքամ» հայաստանեան ներդրումներէն տարիներ առաջ գրանցած է այս անունը եւ կը զբաղի տեղեկատուական ճարտարագիտութեամբ (IT)։

«Արմենթել» անունը Beeline–ով փոխարինելէ շատ կարճ ժամանակ ետք, հեռախօսային այս ընկերութեան գովազդներն ու յայտարարութիւնները, անշուշտ Beeline անունով, սկսան տարածուիլ ամէն տեղ։ BiLine–ը բողոքեց նոյն հնչիւնը ունեցող իր անունի օգտագործման դէմ եւ դիմեց դատարան՝ հեռախօսային ընկերութենէն պահանջելով փոխհատուցում եւ անուանափոխութիւն։ Դատական երկար–բարակ վէճերէ ետք, BiLine–ը կորսնցուց դատը։ Դատարանը առարկեց, որ BiLine եւ Beeline տարբեր ձեւով կը հնչուին եւ ունին տարբեր ուղղագրութիւն։ Ըստ դատարանին, Beeline պէտք է գրել եւ հնչել Բիլայն (հայաստանեան ուղղագրութիւն), իսկ BiLine պէտք է գրել եւ կարդալ Բայլայն (դարձեալ հայաստանեան ուղղագրութիւն)։ Երկու ընկերութիւններուն միջեւ վէճը, սակայն, դեռ չէ աւարտած։ BiLine–ը որոշած է դիմել եւրոպական դատարան՝ Հայաստանի դատական մարմիններուն որոշումը համարելով անարդար եւ կողմնակալ։

Դատի այս պատմութեան եզրակացութիւնը թողունք եւրոպացի դատաւորներուն եւ վերադառնանք Հայաստանի մէջ անուններու հայաստանեան ուղղագրութեամբ գրելու հարցին։ Ընդհանրապէս, Հայաստանի մէջ, գրեթէ օտար բոլոր անուններու հայերէնով գրելը կը հետեւի տարադարձութեան քարացած օրէնքի մը։ Օրինակ, անգլերէն C–ն, հետեւելով տարադարձութեան այս սկսզբունքին՝ հայերէնով կը գրուի Կ։ Այս պատճառով ալ Քանատա հնչուող Canada-ն Հայաստանի մէջ կը գրուի Կանադա։ Նոյն սկզբունքով՝ d-n կը գրուի դ, p-ն կ՚ըլլայ պ, g–ն՝ ջ, b–ն՝ բ, t–ն կը տարադարձուի իբրեւ տ, եւ այլն։ Նոյն այս սկզբունքին հետեւելով է, որ Հայաստանի մէջ ռուսական Vimplecom–ը Հայաստանի մէջ փոխանակ գրուելու (եւ հնչուելու) «Վիմփըլքամ» կամ «Վիմփըլքոմ», կը գրուի «Վիմպէլգոմ»։

Տարադարձութեան քարացած այս սկզբունքով անունները հայերէն թարգմանել–գրելու զոհերէն են նաեւ բազմաթիւ սփիւռքահայեր, որոնց անունները, հայաստանեան յատուկ կացութեան անձնագիր ստանալու ատեն, կ’ենթարկուին դաժան խեղաթիւրում–աղաւաղումներու։ Վերջերս Լիբանանէն եկած ընկերս՝ Մկրտիչը, անհուն հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ գնաց ստանալու ամիսներէ ի վեր իր սպասած հայկական յատուկ կացութեան անձնագիրը։ Խեղճին յուսախաբութիւնը շատ մեծ եղաւ, երբ տեսաւ, որ անունը խեղաթիւրուած էր եւ եղած՝ Մէգվերդիտչ։ Հայաստանի գաղթականական գրասենեակի պատասխանատուները պարզապէս հետեւելով տարադարձութեան օրէնքին, լիբանանեան անձնագրին մէջ ֆրանսերէնով գրուած Meguerditch–ը վերածած էին Մէգվերդիտչ-ի՝ հետեւելով տարադարձութեան կարծէք թէ երկինքէն իջած սկզբունքին։ Իր անունը ճիշդ ձեւով գրելու ընկերոջս բողոքները մնացին ապարդիւն։ Պաշտօնեաները, անտարբեր եւ անդրդուելի, ըսին, որ իրենք կը հետեւին երկրի օրէնքներուն։ Մէգվերդիտչ դարձած Մկրտիչին յանձնարարեցի դիմել դատարան։ «Դատարաններու ո՛չ ժամանակ, ո՛չ ալ ախորժակ ունիմ, ճանըմ», ըսաւ ընկերս։

Վերջերս տեղեկացանք, որ Հայաստանի Լեզուի պետական տեսչութեան մէջ ներառուած են երկու սփիւռքահայ ներկայացուցիչներ։ Կը յուսանք, որ անոնք եւ ուրիշներ պիտի կարենան պաշտպանել մեր անունները ճիշդ գրուած տեսնելու մեր իրաւունքը, եւ պիտի պայքարին տարադարձութեան օրէնքը քարացած սրբութեան մը պէս անփոփոխելի պահելու անհեթեթ տրամադրութիւններուն դէմ։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Հիւսիսէն Փչող Քամիներ
Քանի մը օր առաջ, ընթերցող մը կը յիշեցնէր, թէ ամիսներ առաջ խոստացած էի այս սիւնակով լուսարձակի տակ առնել հայրենիք հաստատուած սփիւռքահայերու կեանքը, անդրադառնալ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, յաջողութիւններուն ու դժուարութիւններուն։ Այլ ընթերցող մը կը գրէր, որ անձնապէս իրեն ուղղուած նամակով մը խոստացած էի գրել Հայաստան Հիմնադրամի աշխատանքներուն եւ ԷՅՏԶի մասին։ Հայաստան տեղափոխուած սփիւռքահայերու մասին անդրադառնալու խոստումս չեմ մոռցած, ինչպէս նաեւ չեմ հրաժարած ԷՅՏԶի եւ համահայկական հիմնադրամի մասին գրելու ամիսներ առաջ տուած խոստումէս։ Այսօր, սակայն, կ’ուզեմ անդրադառնալ Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն, մասնաւորաբար՝ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած ընդդիմադիրներու՝ Հայ Ազգային Քոնկրէսի կազմակերպած հանրահաւաքին։ Կ’ուզեմ Հայաստանի քաղաքական կեանքով հետաքրքրուած ընթերցողներուն հետ կիսել կարգ մը տպաւորութիւններ եւ մտածումներ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ քանի մը ուշագրաւ երեւոյթներու։

Մարտ 1ի տխրահռչակ դէպքերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, Երեւանի քաղաքապետարանը չմերժեց հանրահաւաք կազմակերպելու ընդդիմութեան դիմումը։ Այլ երկիրներու մէջ սա շատ բնականոն երեւոյթ է: Քաղաքական լուրջ ցնցումներէ անցած Հայաստանի համար, սակայն, սա իսկապէս լուրջ իրադարձութիւն է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն փաստը, որ Ապրիլէն ի վեր ոչ մէկ հանրահաւաք արտօնուած էր իշխանութիւններուն կողմէ։ Յատկանշական երեւոյթ էր նաեւ հանրահաւաքէն ետք երթ չկատարելու ընդդիմադիրներուն որոշումը։ Ըստ հանրահաւաքի կազմակերպիչներուն, իշխանութիւնները անյարմար նկատած էին Մեռելոցի օրը քաղաքի փողոցներով երթ կատարելը, իսկ ընդդիմութիւնը համաձայնած էր քաղաքապետարանի որոշումին։ Սա ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնները այլեւս աւելի ինքնավստահ են եւ տրամադիր չեն հակաժողովրդավարական քայլերով սահմանափակելու հանրահաւաք կատարելու քաղաքացիներուն իրաւունքը։ Աւելի զուսպ էր նաեւ ընդդիմադիրներուն կեցուածքը, մանաւանդ, երբ անոնց խօսնակները կը շեշտէին օրէնքի սահմաններուն մէջ գործելու իրենց պատրաստակամութիւնը եւ տարածաշրջանային վտանգաւոր իրադարձութիւններու հետեւանքներէն Հայաստանը զերծ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Հանրահաւաքի մնացեալ բաժինը, պէտք է ըսել, նորութիւն չունէր իր մէջ։ Ընդդիմադիրները կատարեցին իրենց դերը եւ քարկոծեցին իշխանութիւններու վարած արտաքին, ներքին, տնտեսական եւ ֆինանսական քաղաքականութիւնը։ Իսկ աւելի ուշ –եւ նոյնիսկ հանրահաւաքէն առաջ– իշխանութեան ներկայացուցիչները փորձեցին ընդդիմութիւնը ներկայացնել իբրեւ քաղքական սնանկ ուժ, որ դրական ոչ մէկ փոփոխութուն կրնայ բերել Հայաստանի իրականութեան մէջ։ Սա, անշուշտ, խաղին մաս կը կազմէ եւ փոխադարձ ամբաստանութիւններէ եւ ցեխարձակումներէ զատ ուրիշ բան պէտք չէ ակնկալել իշխանութեան համար սուր պայքարի մտած ուժերէն։

Իշխանութիւն–ընդդիմութիւն այս աւելի չափաւոր կեցուածքներու դրսեւորումին մէջ, սակայն, կարելի չէ անտեսել Վրաստանի վերջին դէպքերը եւ Ռուսիոյ աւելի քան խիստ հակադարձութիւնը՝ շրջանային մակարդակով քաղաքական հաւասարակշռութիւնը փոխել միտող ոտնձգութիւններուն դէմ։ Բացայայտ է, որ ընդդիմութեան աւելի զուսպ կեցուածքը եւ իշխանութիւններու ցուցաբերած յաւելեալ ինքնավստահութիւնը անմիջական անդրադարձն են տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան հզօրացման աշխուժ ճիգերուն եւ ամերիկեան հեղինակութեան տեղատուութեան։ Ի վերջոյ, գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի քաղաքական ուժերը եւս արեւմտամէտի եւ ռուսամէտի խրամատներուն մէջ բաժնուած են եւ կը վայելեն անոնց ուղղակի եւ անուղղակի օժանդակութիւնը։ Հայաստանի սահմանէն քանի մը հարիւր մղոն հեռու՝ ռուսական թնդանօթներու արձագանգը իր անմիջական ազդեցութիւնը արդէն իսկ թողած է իշխանութեան տիրանալու ընդդիմութեան ծրագիրներուն եւ իշխանութիւններու ներքին քաղաքականութեան վրայ։

Բոլորն ալ կը գիտակցին, որ Վրաստանի իրադարձութիւններէն միայն մէկ դաս պէտք է քաղել՝ հիւսիսէն փչող քամիներուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ, որովհետեւ քաղաքական կլիմայի փոփոխութիւնը կախեալ է անոնց ուղղութենէն…

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Հայ–Թրքական Ճակատում. Ֆութպոլի Եւ Քաղաքականութեան Զուգահեռներ
Շատ խօսուեցաւ եւ հաւանաբար շատ երկար պիտի խօսուի Հայաստան–Թուրքիա ֆութպոլի մրցումին եւ այս առիթով տեղի ունեցած նախագահական հանդիպումին մասին։ Նպատակս այստեղ երկար բարակ վերլուծումներ ընել չէ, ոչ ալ ներկայացնել Հրազդան մարզադաշտին մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը եւ ֆութպոլի մրցումին հետաքրքրական մանրամասնութիւնները։ Այս մասին աւելի բանիմաց մարդիկ, ֆութպոլի մասնագէտներ ու քաղաքական մեկնաբաններ գրեցին ու պիտի շարունակեն գրել, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ միջազգային մամուլին մէջ։ Այստեղ կ’ուզեմ ընդամէնը ներկայացնել հայ–թրքական ճակատումի մասին կարգ մը մտածումներ եւ խորհրդածութիւններ, որոնք իմ եւ ընկերներուս խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը հանդիսացան ֆութպոլի խաղէն ետք եւ անցնող քանի մը օրերուն։

Առաջին հերթին, բացայայտ էր, որ թրքական կողմը դաշտ ներկայացած էր խաղի յստակ ծրագրով՝ «կէյմ փլան»ով։ Հայկական կողմը, թէեւ յայտարարած էր յաղթելու իր վճռականութիւնը եւ ճշդած՝ համապատասխան խաղի ոճ, անոր կը պակսէր սակայն իր խաղը պարտադրելու փորձը, հմտութիւնը, ֆիզիքական եւ թեքնիք տուեալները։

Թուրքերը կրցան խանգարել հայկական կողմի հաշիւները եւ պարտադրել իրենց խաղը։ Խաղի ամբողջ տեւողութեան «հուբ տո՛ւր, Հայաստան» գոռացող եւ եռագոյն դրօշակով փաթթուած ընկերս խաղէն դիտել կու տար, որ արդեօք կարելի՞ է ենթադրել, թէ նախագահներ Սարգսեան–Կիւլ պատմական որակուած հանդիպումին օրակարգը եւս պարտադրուած էր Թուրքիոյ կողմէ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ ըստ պաշտօնական յայտարարութեանց, ո՛չ Ցեղասպանութեան հարցը, ո՛չ ալ սահմաններու բացումը տեղ գտած էին օրակարգի նիւթերուն մէջ։

Երկրորդ ընկերս դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը չունի դուրսէն բերուած կամ խառնածին խաղցողներ՝ միջնապահ եւ յարձակող գիծերուն վրայ, բայց դարպասի պաշտպանութիւնը վստահուած է ազգային հաւաքականի երակարամեայ բերդապահ ռուս Բերեզովսքիին, միակ ոչ հայ ֆութպոլիստը խումբին մէջ։ Թրքական հաւաքականին մէջ կային օտարածին եւ խառնածին խաղցողներ, որոնց վստահուած էր հայկական յարձակողական գիծը եւ միջնապահներու աշխատանքը չէզոքացնելու պարտականութիւնը։ Խաղին լուռ հետեւող ընկերս՝ Վարդանը, իրաւամբ դիտել կու տար, որ պատմութեան ընթացքին թրքական կողմը միշտ ալ ունեցած է «ենիչերիներ» եւ «համիտիէներ», որոնց վստահած է թշնամիին եւ մանաւանդ հայերուն գործունէութիւնը խափանելու եւ չէզոքացնելու պարտականութիւնը, իսկ հայերը գրեթէ միշտ վստահած են ռուսական պաշտպանութեան, Հայաստանի դարպասները վստահելով ռուս մեծ եղբայրներուն…

Երրորդ՝ կողքս նստած եւ քիթը, բերանը կոպերն ու ականջները եռագոյն ներկած Ստեփանը հայ–թրքական մրցապայքարի ամբողջ տեւողութեան անդադար կը բողոքէր, որ հայ խաղցողները կարծէք թէ իրար չեն հասկնար դաշտին վրայ, գնդակը կը հարուածեն աննպատակ ուղղութիւններով եւ ամբողջութեամբ անտեղեակ են խմբային խաղարկութեան կանոններէն։ Իսկ թրքական կողմը բացայայտօրէն հակառակ յատկանիշները ցոյց կու տար. խաղցողները շատ լաւ կը հասկնային իրարու եւ իւրաքանչիւր առիթ լաւագոյնս կ’օգտագործէին՝ մահացու հարուածներով ռմբակոծելու հայկական դարպասը։ Մի՛ բողոքեր, Ստեփանին կ’ըսէի ես կատակով, թուրքերու ղեկավարները գիտեն ի՛նչ է իրենց ուզածը հայերէն, իսկ մերոնք դեռ եւս խարխափումի մէջ են, չեն կրցած համաձայնիլ, թէ ի՛նչ պիտի պահանջեն թուրքերէն եւ ի՛նչ պիտի տան անոնց։

Նմանօրինակ մտածումներու եւ խորհրդածութիւններու շարքը բաւական երկար էր, ու դեռ կը շարունակէ աճիլ։ Այսքանով բաւարարուինք, որպէսզի ձանձրոյթ պատճառած չըլլանք։ Սակայն, ինչքան ալ միջազգային հանրութիւնը եւ ֆութպոլասէրները բարձր գնահատեն հայերու հիւրասիրութիւնն ու երկու կողմերուն ցուցաբերած մարզական ոգին եւ քաղաքական բարի կամքը, արդիւնքը կը մնայ արդիւնք՝ երկու թուրքերուն, զեռօ հայերուն։

Անհամբեր կը սպասենք երթի մրցումին։

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Կրթութեան Կամուրջ՝ Յանուն Ապագայի
Սուսաննային ծանօթացայ քանի մը Շաբաթ առաջ, երբ խումբ մը գործընկերներով Հայաստանի Վայոց Ձոր Մարզի Ռինդ գիւղը կ՚այցելէինք՝ ծանօթանալու համար Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութենէն օգնութիւն ստացող ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։ Գիւղը, որ ունի մօտ երեք հարիւր տուն՝ շուրջ 1500 բնակիչներով, կառուցուած է ուղիղ 40 տարի առաջ, երբ քանի մը քիլոմեթր անդին գտնուող հին Ռինդը հիմնովին քար ու քանդ եղած էր՝ հողի սահանքի պատճառով, եւ խորհրդային իշխանութիւնները որոշած էին նոր գիւղը կառուցել աւելի կայուն հողատարածքի վրայ։ 40 տարի առաջ խորհրդային չափանիշներով կառուցուած գիւղին մէջ ոչ մէկ բան աւելցած է, ոչ մէկ քար, ոչ մէկ նորոգութիւն։ Իսկ եղածն ալ՝ բաւական հինցած է եւ մաշած։ Յայտնի է, որ ոչ մէկ ներդրում կատարուած է՝ գիւղին ճամբաներուն, դպրոցին, մշակոյթի տան եւ ենթակառոյցներու նորոգման համար։

Գիւղի բնակիչներուն մեծ մասը կը զբաղի հողագործութեամբ, որմէ ստացուած եկամուտը դժուար թէ բաւարարէ ընտանիքի մը նուազագոյն կարիքները, մանաւանդ եթէ ընտանիքը բազմանդամ է։ Այս իսկ պատճառով բազմաթիւ երիտասարդ տղամարդիկ արտագնայ աշխատանքով մեկնած են արտասահման, գլխաւորաբար Ռուսաստան, քիչ մը աւելի գումար վաստակելու եւ ընտանիք պահելու նպատակով։ Իսկ Սուսաննայի ընտանիքը բազմանդամ է եւ ծախսերը՝ շատ։ Ան ունի երեք քոյր, եւ քանի որ եղբայր ունենալու բախտին չեն արժանացած, ընտանիքին բոլոր անդամները, իրենց մեծ հայրիկին եւ մեծ մայրիկին հետ, մնացած են Հայաստան եւ կ’ապրին նոյն տան մէջ։

Սուսաննայի հայրն ու մայրը, սակայն, գիշեր–ցերեկ աշխատելով, իրենց արդար քրտինքը հայրենի արգասաբեր հողին խառնելով՝ կրցած են դպրոց ուղարկել իրենց երեխաները եւ միաժամանակ՝ հոգ տանիլ տատիկին ու պապիկին։ Իրենց բերանի հացէն կտրելով՝ սահմանափակ միջոցներու ամէնէն դժուարին պայմաններուն դիմանալով՝ հոգացած են Սուսաննայի եւ երկու քոյրերուն համալսարանական ծախսերը (ամէնէն կրտսեր քոյրիկը դեռ դպրոցը չէ աւարտած)։ Սուսաննան ընդունուած է Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց՝ մասնագիտանալու դասական երգարուեստի մէջ, մեծ քոյրը՝ պատմագիտութեան ամպիոն, երրորդը՝ պետական համալսարանի թատերագիտութեան բաժին։

Երկու տարի առաջ, Սուսաննայի հայրը, որ Արցախի ազատագական կռիւի վեթերաններէն է, նախկին ազատամարտիկ, ստիպուած անգործութեան կը դատապարտուի՝ անդամալուծելու աստիճան ուժեղ յօդացաւերու պատճառով։ Մօր համար անկարելի կ’ըլլայ առանձինն հոգալ երկու ծերունիներու, հիւանդ ամուսնոյն եւ 4 դուստրերու ծախսերը։ Սուսաննան եւ իր մեծ քոյրը ճառահատ կը մտածեն կիսաւարտ թողուլ իրենց ուսումը եւ որեւէ գործ ճառելով՝ հոգալ առնուազն իրենց փոքր քոյրերուն ուսման ծախսերը։ Սուսաննայի եւ քրոջ որոշումին առաջին հերթին կ’ընդդիմանան տաղանդաւոր եւ խելացի աշակերտներու ճակատագրով մտահոգ բարեխիղճ դասախօսները։ Անոնց միջամտութեան շնորհիւ մեծ քոյրը կ’անցնի անվճառ ուսումի, իսկ Սուսաննան կը ստանայ երեսուն տոկոս զեղջ։ Նոյն ատեն, համալսարանի Ուսանողական խորհուրդի միջոցով կը ծանօթանայ Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութեան կրթաթոշակներու ծրագրին եւ կը ներկայացնէ համապատասխան դիմում՝ յուսալով, որ այս միջոցով պիտի կարենայ հետապնդել դասական երգչուհի ըլլալու իր երազը…

Սուսաննան մէկ տարիէն պիտի աւարտէ իր ուսումը։ Իր դասախօսներուն իսկ վկայութեամբ, ան փայլուն եւ հռչակաւոր արուեսագէտ մը ըլլալու բոլոր տուեալները ունի։ Երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կրթական հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագրէն օգտուող Սուսաննան կ՚երազէ, որ օր մը պիտի դառնայ հռչակաւոր երգչուհի եւ իր շահած գումարներով պիտի զարգացնէ Ռինդ գիւղի դպրոցի արուեստի ծրագիրը եւ պիտի նորոգէ մշակոյթի տունը։ «Եթէ օր մը անծանօթ բարերարիս հանդիպիմ, պիտի ըսեմ, որ իր օգնութիւնը տասնապատիկով պիտի վերադարձնեմ՝ նորոգելով հայրենի գիւղիս դպրոցն ու մշակոյթի տունը, որպէսզի բոլոր փոքրիկները իրենց տաղանդը զարգացնելու հնարաւորութիւն ունենան», կ’ըսէ ան։ Սուսաննայի տունը համեստ է, բայց քանի որ ո՛չ ոք զրկուած է կրթութենէն, տան սենեակները ուրախութիւն եւ սէր կը ճաճանչեն։ Անոր երախտապարտ ընտանիքը չի ճանչնար ամերիկահայ բարերարը, բայց ամենայն բարիք եւ արեւշատ օրեր կը մաղթէ անոր։

Սուսաննային խոստացայ ամերիկահայ բարերարին փոխանցել իր սրտի խօսքը, իր երախտագիտական զգացումները։ Չեմ գիտեր, թէ ովքե՛ր էք դուք, Հայ կրթական հիմնարկութեան նուիրատուներ, բայց այս առիթը կ’օգտագործեմ՝ Սուսաննայի եւ անցեալ տարի կրթաթոշակի ծրագրէն օգտուած 29 հայ ուսանողներու անունով շնորհակալութիւն յայտնելու ձեզի։ Դուք փոխեցիք Սուսաննայի եւ 29 այլ ուսանողներու կեանքը։ Դուք, առանց աղմուկ–աղաղակի, պարզապէս մասնակից եղաք Հայաստանի ապագայի կերտումին։

Ձեր վարձքը կատար։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Վան, Մուշ Եւ Լոռի
Ռուս–վրացական վերջին պատերազմէն անմասն չմնաց Հայաստանը։ Արդէն շաբաթ մըն է, որ վառելանիւթի լցակայանները իրենց պատուհաններուն փակցուցած են «փակ է» կամ «պենզին չկայ» գրութիւններ։ Մարդիկ մտահոգ են, որ վրաց–ռուսական յամեցող տագնապը պիտի սկսի վառելանիւթի եւ սննդամթերքի ներածումները սահմանափակելու եւ պատճառ դառնալու սղաճի նոր ալիքի մը։

Խումբ մը ընկերներով վաղուց որոշած էինք Օգոստոս 23ի շաբաթավերջը այցելել Լոռի եւ երկու օր վայելել Հայաստանի ամէնէն կանաչապատ եւ հրաշագեղ մարզին բնութիւնը։ Թէեւ մտահոգ՝ պենզինի տագնապով, որոշեցինք, սակայն, չհրաժարիլ մեր ծրագրէն եւ չխնայել մեր ունեցած քանի մը լիթր պենզինը։ Անշուշտ այս որոշումի կայացման մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցաւ նաեւ այն փաստը, որ երկու ամիս առաջ արդէն ապահոված էինք հիւրանոցի մեր սենեակները եւ կատարած էինք համապատասխան կանխավճառ։

Հրաշալի է Լոռիի բնութիւնը՝ անտառներ, երկնաքեր լեռներ,անդնդախոր ձորեր, կիրճեր, գետեր, մարգագետիններ, եւ այս բոլորին մէջ՝ հոյակերտ վանքեր, եկեղեցիներ ու բերդեր։ Ուրիշ աշխարհ է Լոռին, որ 1918ի Հայաստանի անկախութենէն յետոյ, դարձած էր կռուախնձոր Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ, բայց շնորհիւ Դրոյի զինուորական յաջող գործողութիւններուն, անիկա մնաց Հայաստանի կազմին մէջ եւ չարժանացաւ հայկական միւս տարածքներու (Նախիջեւան, Չաւախք, Արցախ) դժբախտ ճակատագրին:

Շաբաթ օրը, 4 ընտանիքներով հասանք Չորագետէն անցնող՝ Դէպէտ գետի ափին կառուցուած ամերիկահայ գործարար Ճէյմս Թիւֆէնքեանի հիւրանոցը եւ տեղաւորուելէ ետք, բոլորս միասին սկսանք բարձրանալու Օձուն գիւղը։ Մեզի հետ էին Արեւմտահայաստանէն նոր վերադարձած Լեւոնը (Լոս Անճելըսէն) եւ Յակոբը (Երուսաղեմէն)։ Ճանապարհի ամբողջ տեւողութեան անոնք մեզի պատմեցին, ամենայն յետին մանրամասնութիւններով, Կարս, Արարատ, Անի, Վան եւ Մուշ իրենց այցելութիւններուն մասին։ Տեղեկացանք, թէ ինչպէ՛ս դեռեւս կը շարունակուին հայկական յուշակոթողներու, վանքերու եւ եկեղեցիներու անխնայ կոտորածը։ Ճիշդ է, որ հանրային կարծիքին աչքին փոշի ցանելու համար նորոգուած է Վանայ Լիճի Աղթամար կղզիի վանքը, բայց ուրիշ տեղեր իրական պատկերը այլ է։ Երբ անոնք կը հասնին Կտուց կղզի, օրինակ, ոչ միայն փլատակ վանք մը կը տեսնեն հոն, այլ՝ վերջերս փորուած գերեզմաններ, գլխիվայր շրջած ու քանդուած խաչքարեր, մարդկային դիակներու մնացորդներ, որոնք հաւանաբար հոն թաղուած հայ կղերականներու աճիւններ են։ Գերեզմաններու մէջ ոսկի փնտռողներու գործն է այս բարբարոսութիւնը, որուն առջեւ սահմռկած կը մնայ նոյնիսկ Լեւոնին եւ Յակոբին թուրք առաջնորդը։

Յետոյ անոնք կը ժամանեն Մուշ, կ’երթան Առաքելոց Վանք, ուր ժամանակին հերոսական կռիւներ մղած էին Անդրանիկը, Գէորգ Չաւուշը, Սպաղանաց Մակարը… Հոն կը հանդիպին քիւրտ երիտասարդի մը։ «Ո՞ւր են այստեղի հայերը, այս փլատակ վանքի տէրերը», հարց կու տայ Լեւոն հոն կանգնած քիւրտ երիտասարդին։ Տղան, քմծիծաղ մը դէմքին, անգլերէնով կը պատասխանէ. «Բոլորը հաւաքեցին այս եկեղեցիին մէջ, վրանին քարիւղ լեցուցին ու վառեցին»։

Այս պատմութիւններէն ցնցուած, հասանք Օհաննէս Օձնեցի կաթողիկոսի ծննդավայրը՝ Օձուն։ Հրապարակէն քիչ մը անդին, 7րդ դարուն կառուցուած եկեղեցի մըն է։ Թէեւ չունի նոյն մարզին մէջ, ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռու գտնուող Սանահին եւ Հաղբատ վանքերու գեղեցկութիւնն ու ճարտարապետական հզօրութիւնը, սակայն իր իւրայատկութեամբ չի զիջիր անոնց։ Մոմ մը վառելէ յետոյ դուրս եկանք եւ սկսանք պտտիլ եկեղեցւոյ չորս կողմը։ Երբ քիչ մը հեռանալով ուզեցի նկարել մեր հիւրերն ու ընկերները, այդ րոպէին աչքիս զարկաւ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ աճող բոյսերը, իսկ երբ աւելի մօտէն սկսայ ուսումնասիրելու եկեղեցին, տեսայ, որ ճեղքեր յառաջացած են անոր կարգ մը պատերուն վրայ։ Յայտնապէս եկեղեցին տարիներ շարունակ մնացած է անխնամ, մտածեցի։ Ընկերներէս մէկը միացաւ ինծի եւ ինքն ալ սկսաւ քննելու անմխիթար այս եկեղեցւոյ պատերուն վրայ յառաջացած ճեղքերը։ «Արեւմտեան Հայաստանի եկեղեցիներու ջարդին համար կրնանք մեղադրել թուրքերը, իսկ անկախ Հայաստանի մէջ անխնամ, քանդուելու վտանգին ենթակայ եկեղեցիներուն տէրն ու տիրականը, պատասխանատուն ո՞վ է», հարց տուաւ երուսաղէմցի Յակոբը, որ բացայայտօրէն աւելի հաւատացեալ էր ու եկեղեցասէր, քան մնացեալս՝ միասին առած։

Յիշեցի սփիւռքահայ խումբ մը աշակերտներու հետ քանի մը շաբաթ առաջ Հաղարծինի վանք մեր այցելութիւնը։ Վանքի ճամբան եւ վանքը հիմնովին կը նորոգուէին, բայց Շարժայի իսլամ շէյխին նուիրած գումարներով… Բոլորս ալ գիտէինք, որ սա արդէն մե՛ր յանցանքն է, ողջ հայութեան մեղքը։

Ինչ լաւ է, որ հրաշալի բնութիւն ունի Լոռին, Հայաստանի ամէնէն կանաչ տարածքը, քաղցր ու բարի ժողովուրդով, պարզամիտ եւ հիւրասէր գիւղացիներով։ Անոնք եղան մեր մխիթարութիւնը այդ շաբաթավերջին։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Կայունութեան Վերականգնումի Յոյսով
Ռուս–վրացական վերջին պատերազմը անմիջականօրէն ազդեցութիւն չունեցաւ Հայաստանի ժողովուրդին առօրեային վրայ։ Պատերազմի առաջին երկու օրերէն ետք պենզինի լցակայաններ սկսան միայն տասը լիթր պենզին տալ յաճախորդներուն, պատճառաբանելով, որ հարկ է խնայողութամբ օգտագործել այս կարեւոր վառելանիւթը, քանի որ Վրաստանի Փոթի նաւահանգիստ ժամանած պենզինը կարելի չէ եղած ճանապարհ հանել դէպի Հայաստան։ Միայն վարչապետին վստահեցումներէն ետք այս լցակայանները սկսան բնականոն կերպով պենզին վաճառել յաճախորդներուն, այն ալ միայն որոշ ժամանակի մը համար։ Անցնող շաբաթավերջին, պատերազմի պատճառով վնասուեցաւ Վրաստան–Հայաստան երկաթգիծի կամուրջային մէկ հատուածը եւ հակառակ այն պնդումներուն, որ նորոգութիւնները երկար պիտի չտեւեն, լցակայանները սկսան դարձեալ սահմանափակումներով վաճառել պենզինը։ Թէեւ այս օրերուն պենզինի եւ այլ ապրանքներու տագնապ գոյութիւն չունի, բացայայտ է, սակայն, որ պատերազմի երկարատեւութիւնը բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ ընդհանրապէս եւ ներածում–արտածումներուն վրայ՝ մասնաւորաբար։

Հայաստանի ապրանքներուն մեծ մասը կը ներածուի եւ կ’արտածուի Վրաստանի ճամբով, իսկ Փոթիի նաւահանգիստը Հայաստանի ծովային գլվաւոր ելքն է դէպի Ռուսաստան եւ Եւրոպա, որոնք Հայաստանի արտահանուած ապրաքներու ամէնէն մեծ շուկաներն են։ Նոյն ճամբով է, որ Հայաստան կը ներկրուին սպառողական ապրանքներ եւ մանաւանդ՝ վառելանիւթ։ Անշուշտ կարեւոր են նաեւ վրացական Պաթումի քաղաքի նաւահանգիստը եւ Իրան–Հայաստան ճանապարհը, որ Վրաստանէն ետք միակ ելքն է դէպի արտաքին աշխարհ եւ թուրք-ատրպեճանական շրջափակումի յաղթահարման ամէնէն կարեւոր միջոցներէն մէկը։

Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան համար, Վրաստան–Ռուսիա տագնապը եթէ ամբողջ տարածաշրջանային կայունութեան խիստ վտանգաւոր սպառնալիք կը հանդիսանար, պարզ ժողովուրդին համար, սակայն, անիկա մտահոգիչ էր սպառողական ապրանքներու եւ սննդամթերքի գիներու հաւանական բարձրացումի առումով։ Տագնապին առաջին իսկ օրէն ժողովուրդի խօսակցութեան նիւթ դարձաւ Վրաստանի նաւահանգիստներու եւ ճանապարհներու անվտանգութեան խնդիրը եւ ասոր իբրեւ հետեւանք սղաճի նոր եւ անբաղձալի ալիքի մը հաւանականութիւնը։ Եղան մարդիկ, որոնք քաղաքի շուկաներէն սկսան մեծ քանակութեամբ գնումներ կատարել եւ պարենաւորուիլ սննդամթերքով եւ պահեստի այլ ապրանքներով։ Ընդդիմութիւնը, իր հերթին, առիթը օգտագործեց քննադատելու իր կողմէ կրաւորական որակուող իշխանութեան դիրքորոշումը եւ անհասկնալի համարեց պատերազմի առաջին իսկ օրէն Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ չհրաւիրելու նախագահին կեցուածքը։ Նախագահն ալ, պէտք է ըսել, կռիւի սկիզբի օրերուն արձակուրդի էր եւ կը գտնուէր Պէյժինկ, ուր կը հետեւէր ողիմպիական խաղերուն մասնակցող հայ մարզիկներու մրցումներուն։ Ի գին ամէն ինչի Թուրքիա–Հայաստան կապերը բարելաւելու ջատագովները առիթը չփախցուցին հանրութեան յիշեցնելու Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու անհրաժեշտութիւնը եւ Հայաստանի աշխարհագրական խոցելի դիրքը։ Պաշտօնական յայտարարութիւններէն զատ, շատ բան չենք գիտեր, քուլիսներու ետին տեղի ունեցած հայ–վրացական եւ հայ–ռուսական բանակցութիւններուն եւ քաղաքական բարձրաստիճան ղեկավարներու առած քայլերուն մասին։ Գիտենք, սակայն, որ Հայաստանի շուկաներուն մէջ սպառողական ապրանքներու եւ սննդամթերքի պակաս չկայ, նոյնիսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են պղտոր ջուրերու մէջ ձկնորսութիւն կատարելու եւ ստեղծուած տագնապը չարաշահութեան աղբիւրի վերածելու։ Միւս կողմէ. դրական է նաեւ այն, որ թէեւ երկար, դարձդարձիկ ու լեռնային՝ բայց դեռեւս ապահով է ու բանուկ՝ Իրան–Հայաստան ճանապարհը։

Կը մնայ յուսալ, որ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը շուտով կը վերականգնի եւ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհները շուտով կը վերադառնան իրենց բնականոն վիճակին։

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Լաւագոյն տղերքը
Պերճին ծանօթացայ քանի մը շաբաթ առաջ, ընկերոջս կառուցած շէնքին մէջ: Եկած էր վերանորոգելու քանի մը յարկաբաժիններու ելեքտրական համակարգը: Առաջին տպաւորութիւնս շատ դրական էր: Ազնիւ, աշխատասէր, եւ քաղաքավար երիտասարդ մը կերեւէր եւ բարի, համեստ դէմքը վստահութիւն կը ներշնչէր: Վերանորոգման աշխատանքներու երկարատեւութեան պատճառով Պերճ ամէնօրեայ հերթականութեամբ սկսաւ այցելել նորակառոյց շէնքի յարկաբաժինները եւ կարճ ժամանակի մը ընթացքին բարեկամացաւ բոլորիս հետ:

Քանի մը անգամ զրոյցի բռնուեցանք եւ ամէն խօսակցութենէ ետք 34ամեայ այս երիտասարդը աւելի եւ աւելի հետաքրքրական սկսաւ դառնալ ինծի համար: Լիբանան ծնած ու մեծցած, Պերճ առաջին անգամ Հայաստան այցելած էր շուրջ տասը տարի առաջ, մասնակցելու համար ազատագրուած տարածքներու բնակեցման ծրագրի մը: Լիբանանի մէջ, փոքր տարիքին անդամակցած էր ՀՅԴ պատանեկան միութեան, եղած էր Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան անդամ եւ հպարտութեամբ տուած էր դաշնակցականի իր երդումը: Մասնակցած էր բանակումներու, ժողովներու, ցոյցերու, այլազան աշխատանքներու եւ պարտաճանաչօրէն կատարած էր իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Բայց իր երազը ուրիշ էր՝ կուզէր անպայման հայրենիք տեղափոխուիլ, որովհետեւ կը հաւատար որ Հայաստանն է Հայ Դատի պայքարի առաջին գիծը, իսկ հայրենադարձութիւնը՝ առաջին գիծի խրամատները ուժեղացնելու ամէնէն ազդու միջոցը:

Վերաբնակեցման ծրագրին փարեցաւ ամբողջ սրտով եւ ելեքտրագէտի իր հմտութիւնները ի գործ դնելով՝ լոյս ու հոսանք բերաւ ազատագրուած տարածքներու վրայ կառուցուող Դիցմայրիի նորաստեղծ տուներուն: Համոզուած էր, որ ազատագրուած տարածքները պահելու համար նախ եւ առաջ կեանք պէտք է տալ անոնց, որպէսզի անոնք դառնան բնակավայր, ապրող եւ ապրեցնող հայկական հող: Չվհատեցաւ՝ երբ ծունկերու ցաւին պատճառով ստիպուած եղաւ երթալ Լիբանան՝ վիրաբուժական գործողութեան համար, բայց երբ ոտքի կանգնեցաւ, անմիջապէս վերադարձաւ հայրենիք: Հակառակ տնտեսական ծանր պայմաններուն, դիմացաւ բոլոր դժուարութիւններուն, կրցաւ ստեղծել իր անձնական աշխատանքը եւ երբ շինարարութիւնը սկսաւ թափ առնել Հայաստանի մէջ, Պերճ դարձաւ փնտռուած վարպետ մը: Կեանքի ընկերը ընտրած էր Ղարաբաղէն, իսկ ապրելավայրը՝ Արարատեան դաշտը: Կուզէր Մասիսի շուքին տակ մեծցնել իր երեխաները:

Անձնական գործն ու նորակազմ ընտանիքը ինչքան ալ զբաղ պահեցին զինք, ան երբեք չհրաժարեցաւ սփիւռքահայութիւնը գործնականապէս Հայաստանին կապելու իր գաղափարէն: Անձնական միջոցներով Աշտարակի մօտերը գնեց հողակտոր մը: Իր նպատակն էր դատարկ այդ հողակտորը վերածել ճամբարի, որպէսզի ՀՄԸՄի եւ այլ միութիւններու պատանիներն ու երիտասարդները աշխարհի չորս անկիւններէն հաւաքուէին հայրենի հողին վրայ, ծանօթանային հայրենիքին, տեսնէին լաւն ու վատը, հաղորդուէին անցեալի խորհուրդներով, հասկնային ներկայ մարտահրաւէրները եւ ոգեւորուէին պայծառ ապագայի տեսիլքով:

Բայց անողորմ եղաւ ճակատագիրը: Քանի մը օր առաջ Պերճ զոհ գնաց ահաւոր արկածի մը, իր սիրած գործը կատարած ընթացքին: Արարատեան դաշտին մէջ նորակառոյց բնակարան մը հոսանքով օժտելու համար բարձրացած էր ելեքտրական սիւնի մը վրայ, երբ պատահեցաւ անսպասելին՝ մահաբեր արկածը…

Չկայ Պերճ Պասմաճեանը, Հայաստանի եւ Դաշնակցութեան այս խոնարհ զինուորը: Չկայ բազմաթիւ օճախներ լուսաւորած, լոյսի պէս մաքուր հաւատք, երազ եւ սէր ունեցող այս երիտասարդը:

Ափսոս:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Հայաստանը՝ Երիտասարդութեան
Երեւանի փողոցները այս օրերուն խճողուած են Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներով: Անոնց մեծ մասը սփիւռքահայեր են՝ Արեւմուտքէն, Միջին Արեւելքէն եւ նախկին խորհրդային երկիրներէն: Անցնող հնգամեակին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը շարունակական աճ արձանագրեց, իսկ անցեալ տարի նոր մրցանիշ մը հաստատուեցաւ, երբ շուրջ կէս միլիոն այցելուներ Հայաստանի մէջ անցուցին իրենց արձակուրդը: Այս տարի, նախագահական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած դէպքերը պատճառ դարձան, որ Հայաստան այցելել փափաքող բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որոշումը: Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն զգալի էր զբօսաշրջիկներու բացակայութիւնը: Մայիսին, սակայն, երբ արդէն կայունացած էր քաղաքական իրավիճակը, Երեւանի ու Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մէջ զբօսաշրջիկներու ներկայութիւնը քիչ-քիչ սկսաւ աւելի տեսանելի դառնալ եւ հիմա յոյս կայ, որ այս տարի Հայաստան այցելողներու թիւը գերազանցէ նախորդ տարիներունը:

Այս ամառ ուշագրաւ է երիտասարդ սփիւռքահայերու հոծ ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ: Պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններ, ուսանողներ եւ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներ ողողած են Երեւանի փողոցները: Ճոխ են երիտասարդներուն համար պատրաստուած ծրագիրները՝ բանակում, ճամբար, կամաւոր աշխատանք, դաստիարակչական պտոյտներ եւայլն: Երիտասարդական խանդավառութիւնը տեսանելի է ամէն տեղ՝ Սեւանի ափին կամ Ծաղկաձորի ճոպանուղիներուն վրայ, Դրոյի շիրիմին մօտ եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ, Արցախի ճանապարհին կամ Դիլիջանի անտառներուն մէջ:

Ինծի ալ առիթը վիճակուեցաւ հաճելի եւ օգտակար բացառիկ ժամանակ անցնել իմ պաշտօնավարած նախկին վարաժարանի՝ Թորոնթոյի Հայ օգնութեան միութեան 11րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներու հետ: Անոնք իրենց դասարանի ընտրեալներն էին, hայագիտական նիւթերու մէջ բարձրագոյն միջինը հաւաքողները, թիւով 6 աշակերտ: Նախապէս համագործակցելով Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Սփիւռքի բաժնի պատասխանատուներուն հետ, աշակերտներուն համար կազմակերպուած էր մէկ շաբթուան դասընթացք։ Նոյնքան ժամանակ եւս յատկացուած էր զուարճանալու եւ պտոյտներու համար: Եօթը օրերու ընթացքին, վեց աշակերտները այցելեցին Էրեբունիի թանգարանը եւ յատկապէս հրաւիրուած դասախօսի մը ընկերակցութեամբ, մանրամասնօրէն սերտեցին հին Երեւանի պատմութիւնը: Արդի Երեւանի պատմութեան ծանօթանալէ ետք, անոնք, ուսուցիչներու եւ մասնագէտներու օգնութեամբ, կեդրոնացան համեմատաբար երկու նոր կառոյցներու՝ Մատենադարանի եւ Ծիծեռնակաբերդի վրայ, ուսումնասիրելով անոնց կառուցման հանգամանքները, պատմութիւնը, մշակութային եւ քաղաքական արժէքն ու նշանակութիւնը, եւայլն: Անշուշտ, ակադեմական աշխատանքով չսահմանափակուեցաւ անոնց Հայաստան այցելութիւնը: Երեւանի եւ տարբեր շրջաններու մէջ կազմակերպուած պտոյտներն ու ժամանցի երեկոները ճոխացուցին աշակերտներուն ժամանակացոյցը եւ առիթ ստեղծեցին, որ անոնք ծանօթանան նաեւ Հայաստանի բնակիչներու ապրելակերպին, դժուարութիւններուն ու յաջողութիւններուն, երազներուն ու տագնապներուն:

Երկու շաբաթ տեւած այս ծրագրի ամենադժուար պահը հայրենիքին «մնաք բարով» ըսելն էր: Բաժանումի տխուր այս պահուն վեց աշակերտներն ալ չէին հաւատար, որ այսքան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ամբարած էին ահագին գիտելիք ու տեղեկութիւն, եւ սքանչելի ժամանակ անցուցած էին իրենց ազատ օրերուն: Հայոց պատմութեան դասագիրքերու նիւթերը, հայկականութիւնն ու հայրենիքը վերացական գաղափարներ եւ հեքիաթներ չէին այլեւս, այլ շօշափելի, կենդանի իրականութիւն:

Անոնք վերադարձան իրենց բնակավայրերը եւ հաւանաբար մօտիկ ապագային Հայաստան վերստին այցելելու հնարաւորութիւն չունենան: Բայց Հայաստանը այլեւս իրենց էութեան անբաժանելի մասն է եւ իրենք՝ Հայաստանի պատուիրակները, հայրենիքի շահերուն պաշտպանները՝ աշխարհի չորս ծագերուն:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

“Հայաստանցիներն Աշխատանք Են Գտնում Թուրքիայում
Ստամբուլի Հայոց Պատրիարքարանի շրջակայքի նեղլիկ փողոցներով քայլելիս կարելի է լսել արեւելահայերէն խօսողների: Ինտերնետային հեռախօսակապի կէտերում նոյնիսկ հայերէն տառերով գրութիւններ կան՝ «մէկ րոպէի արժէքը…» Երեւան, Վանաձոր խօսելու համար:

Պատրիարքարանի շրջակայքում մօտ 3-5 հազար հայաստանցի է ապրում: Այս թիւը նշեցին համայնքի խնդիրներով հետաքրքրուած մի քանի պոլսահայեր (նրանց անունները չենք հրապարակում նրանց համար խնդիրներ չստեղծելու նկատառումով): Ստամբուլում հայաստանցիները հազուադէպ են եկեղեցի գնում: Պատճառը, ամենայն հաւանականութեամբ, վախն է: Եկեղեցիների մուտքերի մօտ դրուած են տեսախցիկներ, եւ իւրաքանչիւր այցելու յայտնւում է անվտանգութեան աշխատակիցների տեսադաշտում: Պատրիարքարանի շէնքն ուժեղացուած հսկողութեան տակ է, հէնց դիմացը անվտանգութեան աշխատակիցների տնակն է, տարբեր հատուածներում տեղադրուած են տեսախցիկներ:

Հայաստանցիները Թուրքիա սկսեցին գնալ 1992 թ.ից: Նրանք իրենց հետ տանում էին զանազան էլեկտրական իրեր, յուշանուէրներ, յախճապակէ ջահեր, կոնեակ, ինչպէս նաեւ՝ սննդամթերք: Սկզբնական շրջանում, ինչպէս պատմում էին պոլսահայերը, օժանդակելու համար գնում էին այդ ապրանքները: «Բայց յետոյ հասկացրինք, որ դրանք մեզ պէտք չեն, այլեւս չենք կարող գնել»,- ասաց Յարութիւնը: «Ակօս»ի լրագրողներից մէկը յիշեց, թէ ինչպէս երկու կին մի քանի հսկայ ճամպրուկներով հայերէն գրքեր էին բերել Ստամբուլ՝ մտածելով, որ այստեղ հայերէն գիրք չկայ: Տեսնելով, որ հայկական ապրանքը չի իրացւում, հայաստանցիները սկսեցին Թուրքիայից ապրանք բերել: Նրանք այստեղ մնալու մասին դեռ չէին մտածում: Վախ կար մէջները:

«Հայաստանցիներին սկզբից շատ ուրիշ էինք ընդունում: Բերում էինք մեր տուն, գործ էինք գտնում նրանց համար: Մենք բաժակաճառ չունենք: Նրանք մեր տանը այնպիսի բաժակաճառեր էին ասում Նոր տարուն, որ յուզւում էինք: Ասում էին՝ ժամ առաջ հասնենք տուն, մեր երկիրը: Ես մտածում էի՝ ասոնք կ’աշխատեն, փող կը հաւաքեն, ետ կը գնան: Բայց լրիւ հակառակը եղաւ՝ ամուսնացան, կացութիւն ձեռք բերեցին, քրդերի, թուրքերի հետ ամուսնացան: Յետոյ բաներ իմացանք, որ շատ զարմացրեց մեզ: Մենք աշխատանք էինք գտնում, իսկ դրա համար մէկը միւսից կոմիսիոն էր վերցնում: Պասպորտները կը վերցնեն մէկը միւսէն, որպէսզի եթէ դրամը չտայ, պասպորտը չպիտի տայ: Մենք երկու տարի ետքը իմացանք այս բանը»,- յիշում է պոլսահայ Գ.ն:

Այնուհետեւ հայերը սկսեցին այստեղ մնալու տարբերակներ գտնել: Թուրքիայի սահմանին ստանում էին 30օրեայ մուտքի թոյլտուութիւն: Մի մասը ժամկէտն աւարտուելուց յետոյ ետ էր գալիս Վրաստան, սահմանն անցնում, այնուհետեւ նորից վերադառնում՝ ստանալով 30օրեայ մուտքի նոր թոյլտուութիւն: Կանանց որոշ մասն իսկապէս ամուսնացաւ տեղացիների հետ, չնչին տոկոս են կազմում նրանց մէջ պոլսահայերի հետ ամուսնացածները, մնացածները թուրքերի եւ քրտերի հետ ամուսնացան ու դարձան այդ երկրի քաղաքացիներ: Արուել են նաեւ գործարքներ, ասենք՝ կանայք «բաժանուել» են իրենց ամուսիններից, ամուսնացել թուրքերի եւ քրտերի հետ, մէկ-երկու տարի յետոյ բաժանուել են եւ նորից ամուսնացել իրենց ամուսինների հետ: Մեզ չյաջողուեց պարզել, թէ որքան փող են ծախսում նման գործարք կատարելու համար: Ստամբուլում հանդիպեցինք երեւանցի մի կնոջ, որը հէնց այս ճանապարհով է քաղաքացիութիւն ստացել, եւ այսօր նրա ամուսինը եւ երկու երեխաները Թուրքիայի քաղաքացիներ են: Քանի որ ոչ մի հետազօտութիւն, ուսումնասիրութիւն չի կատարուել, իրաւամբ դժուար է ասել, թէ որքան հայաստանցիներ են ընդունել Թուրքիայի քաղաքացիութիւն: Հայաստանցիների հիմնական մասն ապրում է Թուրքիայի երկու քաղաքներում՝ Ստամբուլում եւ Տրապիզոնում:

Ինչպիսի՞ աշխատանք են կատարում հայաստանցիները Ստամբուլում: Մի նախադասութեամբ կարելի է ասել՝ ցանկացած աշխատանք: Բայց փորձենք դասել: Հիմնական աշխատուժը կանայք են:

1. Խնամակալ կանայք: Նրանք խնամում են ծերերի եւ երեխաների ամսական 600-700 տոլար աշխատավարձով: Սա համարւում է լաւ գործ հայաստանցիների համար, քանի որ այս դէպքում փաստաթուղթ անհրաժեշտ չէ եւ բռնուելու ռիսկ չկայ: Նրանք ապրում եւ սնւում են այդ ընտանիքներում: Այսինքն՝ տուն վարձելու, սննդի վրայ փող ծախսելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Եթէ տէրերն առատաձեռն են, ապա աշխատավարձը բարձրանում է մինչեւ 1000 տոլար:

2. Մեծ խումբ են կազմում տներում մաքրութիւն անող կանայք: Սա էլ է համարւում լաւ գործ: Ամսական վարձատրութիւնը՝ 300-500 տոլար կամ աւելին՝ կախուած տանտիրոջից: Կանանց մի մասը նման աշխատանք կատարում է երկու տարբեր տներում:

Պոլսահայերն աւելի քիչ են վճարում, քան թուրքերը: Եւ լեզուն սովորելուց յետոյ հայ կանայք աշխատանք են փնտրում թուրքերի մօտ:

3. Առեւտրի եւ սպասարկման ոլորտում ընդգրկուած կանայք: Նրանք աշխատում են վաճառատներում, մեծածախ առեւտրի կէտերում, հիւրանոցներում եւ ռեստորաններում:

4. Կայ կանանց մի խումբ, որն ընդգրկուած է սեքս-բիզնեսում: Նրանք հիմնականում Տրապիզոնում են եւ ծովափնեայ հանգստեան վայրերում: Նրանց թուի մասին էլ ոչ մի տեղեկութիւն չկայ: Բայց Հայաստանում թրաֆիկինգի դէմ եղած դատական գործերում յաճախ կարելի է հանդիպել զոհերի, որոնք սեփական ցանկութեամբ կամ խաբէութեան արդիւնքում յայտնուել էին այդ ցանցի մէջ: Կան յայտնի կաւատներ, որոնք տարիներ շարունակ հետախուզման մէջ են Հայաստանի իրաւապահների կողմից եւ Ինտերպոլով: Նրանք մշտապէս բնակւում են Թուրքիայում: Նրանցից մէկը՝ իջեւանցի Գոհարը, ամուսնանալով թուրքի հետ՝ փոխել է ազգանունը եւ դարձել հայաստանցի կանանց աշխատացնող հիմնական անձը Տրապիզոնում: Բայց սա առանձին նիւթ է, եւ «Հետքն» անպայման կ’անդրադառնայ դրան:

Թուրքիայում հայ կինը, դառնալով հիմնական աշխատուժ, ընտանիքի ամբողջ բեռն իր վրայ էր վերցնում, եւ դրանից յետոյ շատերը սկսեցին ամուսնալուծուել: Պոլսահայ Կ.ն այսպէս է բացատրում ամուսնալուծութիւնների այդքան մեծ թիւը. «Հոս եկողը բաժնուեցաւ: Ամուսինը տանը կը նստէր, կինը կ’աշխատէր: Կինն էլ ազատութիւն գտաւ: Իրաւունք ունի, ինքը կ’աշխատի: Իսկ ամուսինները ոչինչ չէին ուզում անել»:

Աշխատանք գտնելը շատ աւելի դժուար է տղամարդկանց համար: Նրանք օրինական չեն կարող աշխատել որեւէ ձեռնարկութիւնում: Հիմնականում աշխատում են ֆաբրիկաներում կամ շինարարութեան վրայ, կան որոշ թուով ոսկերիչներ: Ֆաբրիկաներում նրանք կօշկակարներ են, դերձակներ, բեռնակիրներ: Շինարարութիւնում հիմնականում բանուորութիւն են անում: Նրանց բռնուելը կարող է մեծ գլխացաւանք դառնալ նաեւ գործատուների համար: Այդ իսկ պատճառով տեղի հայերը զգուշանում են հայաստանցի գործաւորներ պահելուց: Ապօրինի աշխատողի համար նախատեսուած տուգանքը մօտ 1500 տոլար է: Բռնելու դէպքում ոստիկանութիւնը միգրանտի աշխատած փողը ձեռքից վերցնում է եւ արտաքսում: Յայտնի չէ՝ Թուրքիայի բանտերում հայաստանցիներ կա՞ն, թէ՞ ոչ: Մի պոլսահայ այսպէս ասաց. «Չկան, քանի որ նրանցով զբաղուող չկայ: Այսինքն՝ տեղեկութիւններ չկան»:

Ինչու՞ Թուրքիայի կառավարութիւնը չի արտաքսում իր երկրում ապօրինի գտնուող եւ աշխատող հայաստանցիներին: Նախեւառաջ այն պատճառով, որ նրանք քաղաքական խաղաքարտ են իշխանութիւնների համար, եւ այդ հանգամանքը պարբերաբար օգտագործւում է տարբեր ամպիոններից: Միւս կողմից՝ Թուքիային անհրաժեշտ է էժան աշխատուժ, եւ հայաստանցիները համալրել են այդ շուկայի մի փոքր մասը:

Պոլսահայ Կ.ն պատմեց, թէ ինչ է ասել իր ծանօթ ոստիկաններից մէկը. «մի փոլիսի (ոստիկան-Խ) հետ խօսեցի, ասաց՝ մենք չենք ուզում բռնել, էստեղ Հայաստանը դեսպանատուն չունի, եթէ բռնենք, մեր միջոցներով պիտի պահենք: Բռնենք ի՞նչ անենք, էդքան ծախսեր պէտք է անի պետութիւնը՝ բանտերում պահելով: Սակայն փոլիսը գիտի, թէ ով որտեղ է ապրում»:

Ինչու՞ են հայերը Թուրքիա մեկնում: Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր հայ գիտի ցեղասպանութեան մասին եւ ենթագիտակցութեան մէջ իր թիւ մէկ թշնամին թուրքն է: Թուրքիան Հայաստանին ամենամօտ երկիրն է, ուր կարելի է հասնել նուազագոյն ծախսերով: 100 տոլարով կարելի է հասնել Ստամբուլ կամ Տրապիզոն: Երկրորդ պատճառն այն է, որ Թուրքիայում աւելի անվտանգ է, քան, ասենք, Ռուսաստանում: Երրորդ պատճառը՝ Թուրքիայում ապրելը, տուն վարձելը աւելի էժան է:

Առեւտրի համար այստեղ իդէալական պայմաններ են: Ապրանքները տեղում գնելով՝ կարող ես միանգամից ուղարկել ցանկացած ուղղութեամբ: Ստամբուլի փողոցներում կարելի է տեսնել ատրպէյճանցիների, վրացիների, մոլդովացիների եւ, ի հարկէ, ռուսների: Խանութներում, ռեստորաններում աշխատանքի ընդունուելիս ռուսերէնի իմացութիւնն արդէն առաւելութիւն է համարւում:

Մի խօսքով՝ Ստամբուլը գայթակղում է ոչ միայն իր ծովերով, պատմական յուշարձաններով, բարենպաստ եղանակով, այլեւ առեւտրի կենտրոն է՝ էժան ուտելիքներով եւ էժանագին հագուստներով հրապուրող:

Երբ պոլսահայ Գայիանէ Չալըքեանին հարցրի Թուրքիայի հայ համայնքի մասին, միանգամից արձագանգեց. «մեզ գաղութ մի ըսէք»: Այսօր Սասունում ապրող հայի մասին Թուրքիայի հայ գաղութի ներկայացուցիչ ասելն, իսկապէս, անհեթեթութիւն է, նա իր ծննդավայրում է ապրում, այնտեղ, որտեղ հազարամեակներ շարունակ հայեր են ապրել: «Մեր համայնքն ամենադժբախտ համայնքն է: Եւ գաղութ է, եւ գաղութ չէ: Գաղութ է այն իմաստով, որ Ստամբուլը հայու հող չէ: Գաղութ չէ, քանի որ Թուրքիոյ մէջ է, որտեղ իմ հայրենիքն է եղել: Մենք հոս ծնած ենք, հայրս էլ, մեծ հայրիկս էլ: Հազարաւոր տարիներ մենք հոս ենք»,- ասում է պոլսահայ Ժան Գաւրիլովը: Նրա պապը գաղթից յետոյ Ռուսաստանում չկարողանալով ապրել՝ 1920ին վերադարձել է Թուրքիա, եւ երբ սահմանին հարցրել են ազգութիւնը, ասել է՝ ռուս եմ, իսկ ազգանունը՝ Գաւրիլով:

Երեք Զինուոր, Երեք Պատմութիւն
Թէեւ ամառնային արեւի կիզիչ ճառագայթները Հայաստանի ամբողջ տարածքին բարձրացուցած են ջերմաստիճանը, Երեւանը, սակայն կարծէք կ’անտեսէ անդամալուծող տօթը եւ այս օրերուն արտասովոր աշխուժութիւն մը կը ցուցաբերէ: Դեռ նոր վերջացաւ Ոսկէ Ծիրան ֆիլմերու միջազգային փառատօնը: Այս տարի հնգամեակն էր արդէն աւանդութիւն դարձած այս փառատօնին եւ պատահական չէ, որ մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ներառեալ ֆիլմի աշխարահռչակ վարպետներ ու սկսնակ բեմադրիչներ եւ արտադրիչներ, ընդառաջելով կազմակերպիչներու հրաւէրին, իրենց մասնակցութիւնը բերին մէկ շաբթուան վրայ երկարող աշխատանքներուն, ցուցադրութիւններուն, քննարկումներուն, մրցանակաբաշխութեանց, եւայլն:

Ոսկէ Ծիրանով սակայն չի վերջանար Երեւանի մշակութային կեանքը: Հակառակ ամառնային արձակուրդներուն՝ երգահանդէսները, թատրոնները եւ այլազան ներկայացումները կրնան շատ ճոխ եւ հաճելի ժամանցի անկրկնելի օրեր պարգեւել Հայաստան այցելող ոեւէ զբօսաշրջիկի: Բարեբախտաբար, անպակաս են Հայաստան այցելողները եւ ես հայրենիք ժամանած ընկերներուս եւ հարազատներուս հետ կը վայլելեմ բոլոր ներկայացումները: Մէկ շաբթուան ընթացքին, օրինակ, կրցանք լսել Արմինեըն Նէյվի Պէնտի կենդանի երաժշտութիւնը, դիտեցինք Վարդան Պետրոսեանի նոր ներկայացումը, Աթոմ Էկոյեանի վերջին ֆիլմը, ներկայ գտնուեցանք Ոսկէ Ծիրանի բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն, եւ բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ վայելեցինք ճէզ երաժշտական քառեակի մը հիանալի կատարումները:

Շաբաթավերջին, ընկերս Վարուժը եւ ես, անդրադարձանք, որ կտրուած ենք հայաստանեան մեր իրականութենէն եւ ժամանակին մեծ մասը այցելուներուն հետ անցընելով՝ մոռցած ենք մեր գործերն ու հոգերը եւ կարծէք կ’ապրինք իբրեւ զբօսաշրջիկ: Առաջին մեր գործը եղաւ երթալ եւ ստուգել ընկերոջս ձեռք ձգած նոր բնակարանին վերանորոգութեան աշխատանքները: Հայաստանի մէջ բնակարաններու նորոգութիւնը կրնայ ամիսներ տեւել, քանի որ լաւ վարպետներն ու մասնագէտները բոլորը «գրաւուած» են եւ հերթի պէտք է կանգնիլ անոնց ծառայութիւններէն օգտուելու համար: Ընկերս ուրախացաւ, երբ տեսաւ, որ նորոգութեան աշխատանքները ոչ միայն կ’ընթանան ճշդուած ժամանակացոյցին համաձայն, այլ նաեւ շինարարները ամէն ինչ կատարած են բարեխղճօրէն, ապահովելով բարձր որակ ու բծախնդիր մօտեցում: Որոշեցինք այդ օր մեր ժամանակը անցնել գործին վերահսկող երկու վարպետներուն, զոյգ եղբայրներ՝ Հայկին եւ Ալիքին եւ այդ օր իրենց մօտ գտնուող ընկերներէն մէկուն՝ Արթուրին հետ: Բոլորս միասին ուղղուեցանք Հրազդանի կիրճ եւ տեղաւորուեցանք գետեզերեայ ճաշարաններէն մէկուն մէջ:

Զրուցեցինք Հայաստանի մէջ շինարարական աննախընթաց, հսկայածաւալ աշխատանքներուն մասին, խօսեցանք անցեալէն ու ներկայէն, գործերէն ու առօրեայ հարցերէն, իսկ երբ քիչ աւելի մտերմացանք, երեք երիտասարդ տղաները մեզի պատմեցին իրենց ընկերութեան մասին: երկար տարիներու ընկերութիւն մը, որ սկսած է հայկական բանակին մէջ: Անոնք իրարու ծանօթացած են իննսունականներու սկիզբը, երբ բոլորն ալ կոչուած էին ըլլալու հայոց նորաստեղծ բանակի առաջին զինակոչիկները: 48 երիտասարդներ՝ ամիսներ շարունակ եղած են Հայաստանի տարբեր ճակատներուն, մանաւանդ՝ հարաւային սահմաններուն վրայ: Նորաստեղծ էր այդ օրերուն հայկական բանակը եւ իրենք ոչ միայն զէնք ու զինամթերքի պակաս ունէին, այլեւ, ձմեռուան բուքին ու բորանին չունէին անհրաժեշտ զգեստներն ու տաքնալու նուազագոյն հնարաւորութիւնները: Յիշեցին թէ ինչպէս իրենց հրամանատարը 120 փամփուշտ տուած էր իւրաքանչիւր զինուորի եւ հրահանգած էր գրաւել հանդիպակաց երկու բլուրները. իսկ երբ իրենք ըսած էին, թէ «ո՞նց կարելի է» երկու բլուր գրաւել նուազագոյն զինամթերքով, հրամանատարը պատասխանած էր. «Տղերք ջան, էս ա մեր ունեցածը: Կամ վերցնում ենք, կամ սպաննւում. ձեր ցաւը տանեմ, գնանք առաջ»: 48 հոգիով յարձակած էին թշնամի դիրքերուն վրայ եւ գրաւած էին բլուրները: Կորսնցուցած էին իրենց երկու լաւ ընկերները, հրաշալի կռուողներ, առաջին գիծը ճեղքողները: յիշեցին թէ ինչպէս այլ ճակատամարտի մը ընթացքին մէկ շաբաթ մնացած էին պաշարման տակ, եւ բուռն կռիւներու ժամանակ վիրաւորուած էր Հայկը: Բայց կրցած էին ճեղքել պաշարման օղակը եւ վիրաւոր Հայկը ուսամբարձ հասցուցած էին զինուորական հիւանդանոց: Այսպէս անհամար պատմութիւններ, որոնք այս տղաները անքակտելի կապով մը հանգուցած են իրարու: Անոնք եւ իրենց միւս ընկերները բանակին մէջ չեն այլեւս, բայց յաճախ կը հանդիպին ու կը յիշեն իրենց կեանքի ամէնէն հետաքրքական եւ իրենց խոստովանութեամբ՝ լա՛ւ օրերը: Զինուորական ծառայութեան աւարտին, անոնց մեծ մասը մնացած է անգործ’ երկրին մէջ տիրող պայաններուն բերումով: Ոմանք աշխատանք ճարած են այլ երկիրներ եւ մեկնած են անվերադարձ: Իրենք, սակայն, մնացած են Հայաստան, բողոքելու փոխարէն սորված են արհեստներ ու այսօր բոլորն ալ ունին ընտանիք, երեխաներ եւ աշխատանք: Ապագային կը նային հաւատքով, որովհետեւ բազմիցս մահը բարեւած է զանոնք, նայած իրենց աչքերուն մէջ, բայց չէ կրցած տանիլ իր ետեւէն:

Վարուժին հետ անդրադարձանք, որ այս տղաքը եւ իրենց պատմութիւնները եւս մաս կը կազմեն Հայաստանի իրականութեան, որուն հաղորդակից չեն ըլլար Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծ մասը: Քիչեր միայն առիթ կ’ունենան ծանօթանալու իրենց կեանքին, պայքարներուն, ապրումներուն, ոգորումներուն ու դեգերումներուն: Առնուազն շնորհակալ պէտք է ըլլանք այս խոնարհ հերսոներուն:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Կարծիքներ՝ Կիւլի Այցելութեան Եւ Պատմաբաններու Յանձնաժողովի Մասին
Ամառնային տաքը եւ կիզիչ արեւը արդէն տիրական ներկայութիւն են Հայաստանի մէջ: Ամառ է եւ մարդիկ տօթէն փախչելու լաւագոյն միջոցը կը համարեն գիւղագնացութիւնը՝ մէկ օրով, մէկ շաբաթով կամ ամիսով: Անշուշտ կան նաեւ բազմաթիւ հայաստանցիներ, որ գիւղական իրենց ամառանոցներուն կողքին ունին նաեւ արտասահման այցելելու հնարաւորութիւն: Հետզհետէ կը շատնայ արտասահման մեկնող հայ զբօսաշրջիկներու թիւը: Ըստ կարգ մը անպաշտօն տեղեկութիւններու, զբօսաշրջիկներու մեծ մասը կը մեկնի Վրաստանի ծովափնեայ շրջանները, ուր թէ՛ ճանապարհորդութեան, թէ կեցութեան գիները աւելի մատչելի են: Վրաստանէն յետոյ, ըստ նոյն աղբիւրներուն, կու գայ Թուրքիան՝ իր Անթալիա կոչուող շրջանով, որ հայ զբօսաշրջիկներու նախընտրած վայրերերէն մէկը կը թուի ըլլալ: Ամենանյդէպս, կը թուի թէ այս տարի Թուրքիայէն ալ Հայաստան այցելու պիտի գայ, ան ալ նախագահի մակարդակով, Սեպտեմբերին Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի խաղը դիտելու համար:

Գործընկերս՝ Արայիկը եւ ես, երկար խօսելէ ետք Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին ուղղած հրաւէրին մասին, ուզեցինք իմանալ քաղաքացիներու մտածումները, մանաւանդ երբ թերթերուն մէջ յայտնի եւ անյայտ անձնաւորութիւններ յայտնեցին ու կը շարունակեն յայտնել իրենց կարծիքը: Մեր շէնքի հարեւանութեամբ գտնուող գրասենեակներու եւ խանութներու աշխատողներուն հարցուցինք, թէ ի՞նչ կը մտածեն նախագահի հրաւէրին եւ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը քննող պատմաբաններու հնարաւոր յանձնաժողովին մասին: Ահաւասիկ փունջ մը կարծիքներ, որ կու տամ առանց խմբագրական միջամտութեան:

Իբրեւ վաճառորդուհի աշխատող Գարմէնը կըսէ. «Ապտուլլա Կիւլի Հայաստան հրաւէրն ու հաւանական այցելութիւնը դիտում եմ դրական, կամ աւելի ճիշդ՝ բնական: Մի մոռանաք, որ Հյաստանից հայերը շատ աւելի գնում են Թուրքիա, քան թուրքերը՝ Հայաստան: Չէ՞ք կարծում, որ բնական յարաբերութիւնների ժամը արդէն վաղուց է հասել: Իսկ ինչ վերաբերում է Ցեղասպանութեան քննարկմանը, ինչի՞ց ենք վախենում: Թող գան, տեսնեն, հետազօտեն ու համոզուեն: Թող լրջօրէն հարցը քննարկուի: Միեւնոյնն է, ճշմարտութիւնը չի փոխուելու»:

Իսկ համակարգիչներու խանութի սեփականատէր Արտակը կը պնդէ. «Էս իշխանութիւններից ուրիշ ի՞նչ էիք ակնկալում: Նրանք աթոռ պահելու համար Ցեղասպանութիւնն էլ կը վաճառեն, Հայաստանն էլ, Արցախն էլ: Ես վախենում եմ, որ Կիւլի հետ պայմանաւորուեն ֆութպոլի խաղն էլ ծախեն, մենք էլ մի լաւ պարտութիւնով պատմութիւնն էլ վրայ տանք, ֆութպոլն էլ»:

«Կողմ եմ Կիւլի այցին, քանի որ կարծում եմ ֆութպոլը չարժի քաղաքականացնել: Նաեւ դրանով Հայաստանը ցոյց կը տայ, որ պատրաստ է բաց երկխօսութեան եւ լցուած չի ատելութեամբ: Պատմութեան քննարկմանը կողմ չեմ, չնայած համոզուած եմ, որ միայն բաց քննարկման արդիւնքում է հնարաւոր վերականգնել պատմական արդարութիւնը: Բայց չեմ կարծում, որ թուրքերը պատրաստ են ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը», կ’ըսէ Նոնան, որ քարտուղարուհի է վաճառականական հաստատութեան մը մէջ:

Թանգարանի մէջ աշխատող Հռիփսիկին համար՝ «Սերժ Սարգսեանն էլ շարունակում է առաջին եւ երկրորդ նախագահների լկտի քաղաքականութիւնը: նրանցից ոչ ոք անկեղծ չի եղել Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրում: Նրանք պարզապէս Հայաստանը տարել են ու շարունակում են տանել կործանման ուղիով: Ուստի Սերժ Սարգսեանի ցանկացած «ողջամիտ» առաջարկին դէմ եմ»:

Դեղագործ Տիանան կ’ըսէ. «Կողմ եմ Կիւլի Հայաստան այցելութեան, եթէ ֆութպոլային հանդիպումը համաձայն պատմական աւանդոյթի չվերածուի հայ-թուրքական քաղաքական ճակատամարտի: Կարծում եմ, աւելի մտահոգիչ կը լինի Թուրքիայի պարտութիւնը քան յաղթանակը: Ցեղասպանութեան փաստի ուսումնասիրութեան խնդիր չեմ տեսնում: Ցեղասպանութիւնը պատմական ճշմարտութիւն է որի մասին գրել եւ ուսումնասիրել են աշխարհի խոշորագոյն հիմնարկներն ու պատմաբանները»:

Իրաւաբան Անդրանիկը կը նշէ հետեւեալը. «Սերժ Սարգսեանի հրաւէրի նկատմամբ ունեմ բացասական կարծիք: Նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ հրաւէրը հնչեցուել է մեր երկրի նախագահի կողմից՝ Մոսկուա նրա կատարած պաշտօնական այցի ժամանակ: Այսինքն հարցը նախապէս քննարկուել է ոչ թէ ՀՀ ազգային անվտանգութեան խորհրդում, այլ Կրեմլի սենեակներից որեւէ մէկում՝ հաւանաբար Ռուսաստանի Դաշնութեան ֆետերալ անվտանգութեան ծառայութեան ինչ որ առաջատար մասնագէտի եւ ՀՀ նախագահի միջեւ»:

Յուսամ այսքանը բաւարար էր, որ ընթերցողները պատկերացում մը ունենան Կիւլի հրաւէրին եւ պատմաբաններու հաւանական յանձնաժողովին վերաբերեալ Հայաստանի իրենց հայրենակիցներու մտածումներուն մասին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Երջանկութեան Բանաձեւը
Քանի մը շաբաթ առաջ, Միացեալ Նահանգներու Ազգային Գիտութեան Հիմնարկը կատարած էր ուսումնասիրութիւն մը, յայտնաբերելու համար աշխարհի ամենէն երջանիկ եւ տխուր երկիրները: Ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն համաձայն, աշխարհի ամենէն երջանիկ տաս երկիրներու առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն յաջորդաբար Դանիան, Փուէրթօ Ռիքոն եւ Քոլոմպիան, իսկ 10 ամենէն տխուր երկիրներու վերջին երեք դիրքերը’ Մոլտովան, Հայաստանը եւ Զիմպապուէյը: Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն ընտրուած եւ ուսումնասիրուած 97 երկիրներու մէջ Հայաստանը կը գրաւէ նախավերջին՝ 96-րդ դիրքը (ի դէպ, աշխարհի ամենէն ուժեղ եւ հարուստ համարուող երկիրը՝ Միացեալ Նահանգներ, նուաճած է 16-րդ դիրքը, իսկ Լիբանանը, որ վերջերս աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնն էր դարձած, ուսումնասիրութեան մէջ ներառուած չէ): Փաստօրէն, միայն Զիմպապուէյն է, որ իր տխրութեան մակարդակով կը գերազանցէ Հայաստանը:

Թէ ի՞նչ պատճառներով ուսումնասիրողները հասած են այս հետաքրքական եզրակացութիւններուն եւ ի՞նչ մեթոտաբանութեան վրայ հիմնուելով կատարած են իրենց հարցախոյզերը, յայտնի չէ ինծի: Բոլորիս յայտնի է, սակայն, որ վերջին տարիներուն, նմանօրինակ ուսումնասիրութիւններու հրապարակումները ցոյց տուած են, որ Հայաստան միշտ եղած է տխուր երկիրներու ցանկին մէջ: Երկրի մը կամ ժողովուրդի ուրախութեան եւ տխրութեան չափորոշիչները հաւանաբար միայն իրենք՝ ընկերաբանները գիտեն, բաց եթէ ուզենք հաւատալ այս ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն, ապա յստակ կը դառնայ, որ ժողովուրդ մը երջանիկ ըլլալու համար անպայմանօրէն հարուստ ըլլալու պէտք չունի: Փուէրթօ Ռիքոն եւ Քոլոմպիան հարուստ երկիրներ չեն համարուիր, բայց անոնց ժողովուրդները շատ երջանիկ կը թուին ըլլալ: Կլիման ալ, ըստ երեւոյթին, ժողովուրդի մը երջանկութիւն պարգեւող կարեւոր ազդակ չէ, յատկանշական դեր չունի, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ Դանիան ամպոտ ու խոնաւ երկիր է, ուր արեւը շատ քիչ անգամ ցոյց կու տայ իր պայծառ դէմքը: Ժողովրդավարութիւնը, մարդկային ազատութիւնները կրնան ժողովուրդի մը երջանկութեան նախապայանները համարուիլ: Այս պարագային հարց կը ծագի, որ ինչո՞ւ Շուէտն ու Նորվեկիան (14-րդ եւ 19-րդ դիրքերը) նուազ ուրախ են, քան Քոլոմպիան կամ Էլ Սալվատորը (11-րդ դիրք):

Կիրակի երեկոյեան այս նիւթը շօշափուեցաւ ընկերական հանդիպումի մը ընթացքին, եւ բոլոր ներկաները համաձայնեցան, որ բարդ գործ է ժողովուրդի մը երջանկութիւնը չափող բանաձեւը գտնելը: Կասկածի տակ առնելով հանդերձ ուսումնասիրութեան արդիւնքները, պահ մը ուզեցինք ընդունիլ մեզի հրամցուածը եւ գտնել հայաստանցիներու տխրութեան պատճառը: Հեռաձայնեցինք Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ մեզի ծանօթ անհատներու, ինչպէս նաեւ հարցումներ ուղղեցինք պատահական անցորդներու եւ մեր կողքը նստած քաղաքացիներու: Հարցումը հետեւեալն էր. ձեր կարծիքով, Հայաստանը ուրա՞խ թէ տխուր երկիր է, ինչո՞ւ: Հարցապնդուողները, բոլորը անխտիր, շեշտեցին, որ կարելի չէ հարցը սեւ ու սպիտակ գոյներով ներկայացնել, որովհետեւ մարդիկ երբեմն ուրախ են, երբեմն տխուր: Միաժամանակ, անոնց մեծամասնութիւնը ընդունեցաւ, որ ընդհանուր առմամբ տխուր է Հայաստանը, քանի որ աղքատութիւնը կը մնայ համատարած, երկրաշարժի ու պատերազմի պատճառած վէրքերը դեռ չեն սպիացած, մարդիկ դժգոհ են անարդարութիւններէն եւ հարստութեան անհաւասար բաշխումէն, չքացած են հոգեւոր արժէքները, եւայլն:

Այս եւ նմանօրինակ հարցեր ու դժուարութիւններ՝ գոյութիւն ունին բազմաթիւ երկիրներու, ներառեալ եւ մանաւանդ՝ լատին ամերիկեան երկիրներու մէջ: Զարմանալիօրէն սակայն, այս վերջիններէն ոչ իսկ մէկ հատը կը գտնուի ամենէն տխուր երկիրներու տասնեակին մէջ: Հնարաւո՞ր է արդեօք, որ տխրութիւնը դարձած է մեր ազգային յատկանիշներէն մին, տեսակ մը բնաւորութիւն, ինչպէս դիտել կուտար մեր կողքը նստած երիտասարդ ուսանողուհի մը: Դժուար է համաձայնիլ: Ուշագրաւ է սակայն այն իրողութիւնը, որ ցանկին վերջին 15 տեղերը գրաւող երկիրներէն 13ը նախկին համայնավար երկիրներ են, իսկ միւս երկուքը’ Իրաքն ու Զիմպապուէյը՝ խիստ տագանապահար երկիրներ: Ամերիկացիները, անշուշտ, բոլոր տխուր երկիրներուն կրնան առաջարկել երջանկութեան իրենց դեղատոմսը, ինչպէս որ այսօր կը փորձեն ընել Իրաքի մէջ: Կը մնայ յուսալ, որ ուսումնասիրութիւնը իրականացուցած հիմնարկը նման փորձութենէ մը հեռու մնալու իմաստութիւնը կը ցուցաբերէ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

rafdoud@aol.com

Ո՞վ Կոլ Պիտի Նշանակէ
Անցնող երկու շաբաթներուն, քաղաքական շրջանակներուն համար Ֆութպոլի Եւրոպայի 2008ի ախոյանութիւնը այնքան ալ հետաքրքրական չէր, ինչքան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, թէ կը մտադրէ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Հայաստան հրաւիրել Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ապտուլլահ Կիւլը, երկու երկիրներու ազգային հաւաքականներու ֆութպոլի մրցումը միասնաբար դիտելու համար:

Թէեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի թերթերը բաւական լայն արձագանգ տուին այս եւ Հայաստան-Թուրքիա պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու մասին նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն, ժողովրդային լայն շրջանակներու մօտ, սակայն, անոնք այնքան ալ ուշադրութեան արժանի չհամարուեցան: Կանայք այդ օրերուն աւելի մտահոգ էին շուկաներուն մէջ հացի, սննդամթերքի եւ սպառողական ապրանքներու գիներու աճով, իսկ տղամարդիկ, առօրեայ հոգերէն խուսափելով՝ տարուած էին ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան խաղերով:

Կային նաեւ սրամիտներ, որոնք առիթը չփախցուցին սեւ «հումորով» անդրադառնալու նախագահի յայտարարութիւններուն: Անոնք կատակեցին ըսելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապտուլլահ Կիւլին ըսած է, որ եթէ ան չճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Հրազդան մարզադաշտին վրայ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականը ջախջախիջ պարտութիւն մը պիտի կրէ Հայաստանի հաւաքականէն: Եւ կամ՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու պարագային, Ապտուլլահ Կիւլ, իբրեւ վարձատրութիւն, իրաւունք պիտի ստանայ պատուոյ թրիպիւնին վրայ նստելու՝ Սերժ Սարգսեանի կողքին…

Սրամտութիւնները եթէ պահ մը մէկ կողմ թողունք եւ անդրադառնանք աւելի լուրջ մեկնաբանութիւններու, ապա պիտի տեսնենք, որ պատահածը շատ աւելի է քան «արտաքին քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն» կամ «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւում» մեկնաբանութիւնները: Նախագահին արտայայտութիւնները, ըստ կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններու, ինչքան ալ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերին, անոնք խորքին մէջ արդիւնք են Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամին, որ կը շարունակէ իր վատ անդրադարձը ունենալ Հայաստանի միջազգային դիմագիծին եւ քաղաքական վարկանիշին վրայ: Արեւմտեան երկիրները, գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, կը շարունակեն ճնշում բանեցնել Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ՝ ընտրական գործընթացի, Մարտ 1ի դէպքերու հետաքննութեան, ձերբակալուածներու ազատ արձակման, ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան, հանրահաւաքներու օրէնքի բարեփոխման, մամուլի ազատութեան եւ այլ հարցերու կապակցութեամբ: Քաղաքական մեկնաբանները դիտել կու տան, որ Սերժ Սարգսեան այսօր ոչ միայն ներքին, այլեւ արտաքին ճակատի վրայ իր իշխանութիւնը կ՚ուզէ ամրապնել՝ ընդգծելով իր եւ իր նախորդին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները: Յաւելեալ մեկուսացումէ եւ ճնշումներէ խուսափելու լաւագոյն միջոցը՝ արտաքին ճակատի վրայ քաղաքական աննախընթաց զիջումներու երթալն ու վստահելի գործընկերոջ դերը ստանձնելն է: Այս իմաստով, Սարգսեանի պատգամը ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած էր եւ պատահական չէր, որ դրական առաջին արձագանգը եկաւ պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար, Մինսկի խմբակի բանագնաց՝ Մէթիու Պրայզայէն՝ կ՚ըսեն մեկնաբանները:

Աւելի լաւատես դիտորդները, սակայն, կը շեշտեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ըրածը այլ բան չէր քան դիւանագիտական խորամանկութիւն, որով ան գնդակը կը նետէր Թուրքիոյ դաշտը, Անգարան ներքաշելու համար խաղի մը մէջ, որմէ դուրս գալը դժուար պիտի ըլլայ թուրք ղեկավարութեան համար:

Ինչ ալ ըլլան Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն դրդապատճառները, հայ ժողովուրդի համար ճակատագրական այս օրերուն Հայաստանի ղեկը ստանձնած նախագահէն կ’ակնկալուի, որ քաղաքական մրցադաշտին վրայ ան կարողանայ լաւ տիրապետել խաղի կանոններուն եւ խուսափիլ անիմաստ սայթաքումներէ: Թրքական կողմին պարզապէս պէտք չէ շնորհել կոլ նշանակելու որեւէ հնարաւորութիւն:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Գործարարութիւն Եւ Պատասխանատուութիւն
Ամէն անգամ, որ մտածեմ շաբաթական հերթականութեամբ լոյս տեսնող այս սիւնակի յաջորդ նիւթին մասին, ես ինծի կը խոստանամ անդրադառնալ Հայաստան տեղափոխուած սփիւռքահայերու գործունէութեան, կեանքին, առօրեային, աշխատանքներուն, յաջողութիւններուն, ձախողութիւններուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ այլ հարցերու: Առիթ չեմ ունեցած այս սիւնակով պատմելու իրենց մասին, ներկայացնելու իրենց կեանքն ու առօրեան: Դժբախտաբար մեծ չէ թիւը հայրենադարձ ընտանիքներուն եւ անհատներուն. լաւագոյն պարագային քանի մը հարիւր ընտանիք թերեւս, եթէ հաշուի չառնենք նախկին խորհրդային երկիրներ գործի մեկնող ու քանի մը տարի ետք տուն վերադարձողներու պարագան:

Կիրակի օր, անդրանիկ զաւակիս երրորդ տարեդարձը տօնելու նպատակով, խումբ մը հրաւիրեալներու հետ հաւաքուած էինք Երեւանի բացօթեայ սրճարաններէն մէկուն մէջ. թիւով 48 հոգի, որոնցմէ 22ը՝ երախաներ. բոլորս սփիւռքահայ եւ միայն երկու հայաստանցի հարսեր: Պահ մը դիտեցի սեղանին շուրջ հաւաքուածները եւ անսահման հպարտութեամբ լեցուեցայ: Լիբանանէն, Քանատայէն, Ամերիկայէն եւ ֆրանսայէն հայրենիք վերադարձած երիտասարդ ընտանիքներ էին հրաւիրեալները, մեր ընկերները, բոլորն ալ՝ արհեսատվարժներ, մասնագէտներ, գործի մարդիկ: Ճաշարանատէր, շինարար, միջազգային որակաւորումով հաշուապահ, միջազգային հաստատութիւններու տնօրէններ, անհատ գործարարներ, եւայլն: Դիմացած էին բազմաթիւ դժուարութիւններու, փորձութիւններու, եւ այսօր իրենց յաջող գործին բերումով աշխատանք կը հայթայթեն բազմաթիւ հայորդիներու՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

Այդ րոպէին յիշեցի խոստումս եւ որոշեցի պարբերաբար գրել անոնց մասին: Դիմացս նստած էր լիբանանահայ Ռալֆ Եիրիքեանը, երկու երախաներու հայր, 41 տարեկան, Հայաստանի մեծագոյն բջիջային հեռախօսակապի ընկերութեան՝ Վիվասելի, եւ Արցախի «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ի գլխաւոր տնօրէնը: Ռալֆը 2001ին իր կնոջ՝ Արմիկին հետ տեղափոխուած էր Արցախ, ղեկավարելու համար ի հեճուկս Ատրպէյճանի՝ Լեռնային Ղարաբաղ մուտք գործած միջազգային առաջին ընկերութիւնը՝ «Ղարաբաղ Թելեքոմ»ը: Իսկ երբ քանի մը տարի ետք նոյն ընկերութեան ղեկավարները Հայաստանի մէջ հիմը դրին Վիվասելին, Ռալֆ ստանձնեց վերջնոյս գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը: Շատ կարճ ժամանակի մէջ, Վիվասելը դարձաւ Հայաստանի ամէնէն յաջող եւ տիրական բջիջային հեռախօսակապի ընկերութիւնը, աւելի քան մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար բաժանորդներով եւ լաւ վարձատրուող շուրջ հազար աշխատողներով: Ինծի համար, սակայն, Ռալֆի արժանիքը կը կայանայ ոչ միայն իր ղեկավար-տնօրէնի հմտութիւններուն, այլ՝ «Կորպորատիւ սոցիալական պատասխանատուութիւն»ը (Corporate social responsibility) Հայաստանի մէջ իրականութեան վերածած իր նախաձեռնութեան մէջ: Շնորհիւ Ռալֆին, Վիվասելը Հայաստանի մէջ միակ մեծ ընկերութիւնն է, որ ունի յատուկ, մշակուած ռազմավարութիւն, որուն միջոցով շահոյթ ապահովող այս պիզնէսը ինքզինք կը դնէ հասարակութեան տնտեսական, ընկերային, բնապահպանական եւ տնտեսական զարգացման նպաստելու յանձնառութեան տակ: 2007 տարեշրջանին՝ Վիվասելը օգնութիւն տրամադրած է Հայաստանի մէջ գործող պետական թէ հասարակական բազմատասնեակ նախաձեռնութիւններու, թանգարանաշինութենէն սկսեալ մինչեւ անտառատնկում, մարզական խաղերու կազմակերպումէն մինչեւ դպրոցներու նորոգութիւն, ճանապարհաշինութենէն մինչեւ բժշկական սարքաւորումներու տրամադրում, հաշմանդամ երախաներու կրթութենէն մինչեւ մանկապարտէզներու եւ խաղավայրերու նորոգում ու դաստիարակչական ֆիլմերու նկարահանում: 2008 տարեշրջանին համար Վիվասելի տնօրէնութիւնը աւելի քան հինգ միլիոն տոլարի ընկերային եւ կրթական ներդրումներու ամավարկ մը ճշդած է, որ աննխախընթաց երեւոյթ է Հայաստանի մէջ գործող որեւէ պիզնէսի համար: Ի դէպ, Հայաստանի մէջ, մանաւանդ ընտրութիւնները կանխող ժամանակաշրջանին, յանկարծ ի յայտ կու գան չակերտաւոր բարեգործներ, մեծահարուստ գործարարներ, որոնք գետնախնձոր, հացահատիկ ու տնկիներ կը բաժնեն գիւղացիներուն: Քուէրկութեան աւարտէն ետք, սակայն, անոնց ձայնը այլեւս չի լսուիր, գոնէ մինչեւ յաջորդ ընտրութիւն:

Ռալֆ համոզուած է, որ գործարարներն ու գործարարութիւնը ընդհանրապէս պէտք է ստանձնեն նաեւ ընկերային պարտաւորութիւններ ու պատասխանատուութիւն, որովհետեւ, ինչպէս ինք կ՚ըսէ, «Բարեկեցութիւնը չի կրնար առաւելագոյնս աճիլ մեկուսացման մէջ: Մենք բարեկեցութիւնը պէտք է ստեղծենք բոլորին համար, անոր պէտք է հասնինք միասնաբար եւ, ձեռք ձեռքի տուած՝ քալենք դէպի ապագայ Հայաստանը»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Պտոյտ Մը Մաքսայինի Թղթաբանութեան Մէջ …
(Մաս Առաջին)

Երկուշաբթի, 2 Յունիսին, կէսօրուան դադարը հազիւ սկսած, բջջային հեռաձայնս զանգեց եւ կանացի քնքուշ ձայն մը ըսաւ. «Պրն. Տուտագլեան, ապրանքների փոխադրութեան կազմակերպութիւնից եմ զանգում, Տուպայից ձեր ուղարկած իրերը՝ ելեքտրական օճախը եւ օդատար սարքը արդէն հասել են Երեւան: Ստանալու համար նախ պէտք է գնաք Չարբախի մաքսային տերմինալ եւ յետոյ Արարատեան մաքսային կէտ»: Կողքիս կանգնած ընկերս երբ իմացաւ լաւ լուրը, ժպիտ մը դէմքին ըսաւ. «Աչքդ լոյս: Մէկ շաբաթ անդադար քաշելիք ունիս: Հարկային-մաքսայինի հետ գործ ունեցողները վերջաւորութեան կեանքերնէն վազ կ՚անցնին»: Այնքան ինքնավստահ, լուրջ եւ փորձառու մարդու հեղինակութեամբ արտայայտուեցաւ ընկերս, որ պահ մը սարսուռ անցաւ մարմնէս: Ի վերջոյ, երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ կը զբաղէր արտածում-ներմուծումով եւ բաւական երկար պատմութիւն ունէր վաղուց իսկ տխրահռչակի համբաւ վաստկած կառավարական այս ծառայութիւններուն հետ: Բայց ես չուզեցի հաւատալ, որովհետեւ լսած էի, որ մաքսային ծառայութեան գործերը կարգի դնելու համար կառավարութիւնը ձեռնարկած է շարք մը կտրուկ միջոցառումներու, որոնց իբրեւ արդիւնք կարճ ժամանակի ընթացքին յատկանշական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են այնտեղ:

Յաջորդ առաւօտ, ժամը 9-ը չեղած, մեր գրասենեակի վարորդին հետ, ճշդապահ զինուորներու նման, փոխադրութեան թուղթերու տրցակով մը զինուած, կազմ ու պատրաստ կանգնեցանք Չարբախի մաքսային պահեստի դարպասին առջեւ: Պաշտօնեայ մը դիմաւորեց մեզ եւ թուղթերը ստուգելէ ետք, թելադրեց սպասել բեռնարկղի մնացեալ ապրանքներու 10 սեփականատէրերուն: Իմացանք, որ նոյն բեռնարկղով Տուպայէն ապրանք ուղարկած են 11 անհատներ եւ ըստ գործող օրէնքին, բոլորի ներկայութեան միայն մաքսային պաշտօնեան իրաւունք ունի բեռնարկղը բանալու եւ դատարկելու: Մինչեւ կէսօր, իրենց ապրանքը ստանալու համար մեզի միացան 4 այլ քաղաքացիներ, որոնք բոլորը նոյն բեռնարկղով ուղարկած էին իրենց իրերը: ճաշի ընդմիջումէն ետք վերադարձանք Չարբախ եւ համբերութեամբ սպասեցինք միւս սեփականատէրերուն: Ի վերջոյ՝ օրէնքը այդպէս կը պահանջէր, եւ մենք օրինախախտ ըլլալու տրամադրութիւն չունէինք: Ժամը 4-ն էր արդէն երբ 11 ապրանքատէրերը հաւաքուեցան ու մէկուկէս ժամ տեւող ստուգումներէ եւ վերստուգումներէ ետք, պաշտօնեան համոզուեցաւ, որ բացի պաշտօնապէս յայտարարագրուած իրերէն, բեռնարկղին մէջ ապօրինի կամ գաղտնաբար ուղարկուած այլ բաներ չկային ու բոլորս ալ հաւատարիմ մնացած էինք գործող օրէնքներու տառին եւ ոգիին: Այս հաւատաքննութիւնը հազիւ վերջացած, Տէր-Թոդիկեան խստաբարոյ վարժապետի մը դէմքով ու խօսելաոճով պաշտօնեան մեզի ըսաւ գրեթէ հետեւեալը. «Հիմա ձեր ստացած թուղթերը կը տանիք Արարատեան մաքսային կէտ եւ պաշտօնապէս արտօնագրուած միջնորդներու օգնութեամբ, կը մաքսազերծէք զանոնք, յետոյ կու գաք այստեղէն կը ստանաք ձեր ապրանքը»: Մարդը այքան խիստ էր ու լուրջ, որ համարձակութիւնը չունեցանք որեւէ հարցում հարցնելու: Միաժամանակ, հակառակ որ ամբողջ օր մը գործի չէինք գացած եւ մեր ժամանակը վատնած էինք մաքսայինի գրասենեակներուն, փոխադրակառքերու եւ բեռնարկղներու չորս կողմը թափառելով, մենք մեզի զրկեցինք բարկանալու եւ ջղայնանալու իրաւունքէն, քանի որ պաշտօնեան օրէնքին համապատասխան կը շարժէր եւ մենք որեւէ պատճառ չունէինք օրէնքին հակառակելու: Քանի որ արդէն աշխատանքային օրը հասած էր աւարտին, վարորդն ու ես որոշեցինք նոյն ոգիով, յաջորդ օրը ներկայանալ Արարատեան մաքսային կէտ եւ Յոբ Երանելիին նախանձը գրգռելու աստիճան ըլլալ հաբերատար եւ օրինապաշտ:

Չորեքշաբթի օր, դեռ Արարատեան մաքսակէտի դուռները չբացուած, վարորդն ու ես Չարբախի պաշտօնեային խստաբարոյ ուսուցիչի կերպարը ի մտի ունենալով, հնազանդ եւ աշխատասէր աշակերտներու վարքագիծով, մաքսային թուղթերը կոկիկ դասաւորած, շէնքի մուտքին սպասեցինք պաշտօնեաներու ժամանումին…

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Ապրէք Երեխէք…
Մինչեւ Հայաստան տեխափոխուիլս չէի գիտեր, որ Կիրակի, 1 Յունիսը, Երեխաներու Միջազգային օրն է: Հայաստանի մէջ այս տօնը վերջին քանի մը տարիներուն կը նշուի յատուկ շուքով: Հանրային պարտէզներն ու խաղավայրերը, փողոցներն ու բացօթեայ սրճարաններու մեծ մասը այդ օր յատուկ յայտագիրներ կը պատրաստեն երեխաներուն համար: Ինչպէս անցնող տարիներուն, այս տարի եւս Յունիս 1ին երեխաներուն համար կազմակերպուած էին երգահանդէսներ ու խաղեր, որոնց ընթացքին ծաղրածուները, արջուկները եւ նապաստակները կը զուարճացնէին հանրային թէ սեփական զբօսավայրերը խճողած երեխաներն ու իրենց ծնողները: Ամբողջ Երեւանը կարծէք վերածուած էր երեխաներու բացօթեայ հսկայ խաղավայրի մը, ուր հաւաքուած էին քաղաքի ծայրամասերէն եկած ժպտադէմ եւ ուրախ փոքրիկներ եւ իրենց վառվռուն զաւակներուն չարաճճիութիւնները ներողամտութեամբ ընդունող ծնողներ, մեծ հայրեր ու մայրեր:

Հաւանաբար քիչ են այն երկիրները, ուր երեխաներուն նուիրուած օրուան առիթով տեղի կ’ունենան նմանօրինակ մեծ տօնախմբութիւններ, որոնք տարուէ տարի աւելի շքեղ ու գեղեցիկ կը դառնան, աւելի ճոխ ու գունագեղ: Ոմանք այս երեւոյթը կը վերագրեն Հայաստանի տնտեսութեան վերելքին, իսկ պաշտօնական շրջանակները հպարտութեամբ կը խօսին երեխաներու հարցերուն լուծման – ինչպէս՝ կրթութիւն, ծայրայեղ աղքատութիւն, ընկերային անապահովութիւն – նուիրուած յաջող նախաձեռնութիւններուն եւ անոնց դրական արդիւնքներուն մասին: Ընդամէնը տասնամեակ մը առաջ, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ կառավարական գործակալութիւններու համատեղ ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տային, որ Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան կէսը կ’ապրի թշուառութեան մէջ: Ներկայիս, ըստ պաշտօնական տուեալներու, աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրներու գործադրութեան իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի բնակչութեան միայն երեսուն տոկոսը կը համարուի աղքատ: Բնականաբար, թէ՛ տասը տարի առաջ եւ թէ այսօր, աղքատութեան մէջ ապրող դասակարգին ամէնէն խոցելի հատուածը երեխաներն են, որոնք զրկուած են առողջարար սնունդէ, կրթութեան, առողջապահական ծառայութիւնները եւ մարդկային նուազագոյն կարիքները բաւարարող այլ հնարաւորութիւններէ: Հաշմանդամութիւնը, թերսնուածութիւնը, անգրագիտութիւնը, մտաւոր թերզարգացումը եւ այլեւայլ հիւանդութիւնները շատ աւելի մեծ տարածում ունին ա՛յս խաւի երեխաներուն մօտ:

Քանի մը շաբաթ առաջ, մեր գործընկերները աւարտեցին Հայաստանի աղքատ մարզերէն՝ Արմաւիրի մէջ կատարուած շատ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը, որուն արդիւնքներէն քանի մը հատը այստեղ կը կիսեմ ձեզի հետ: Արմաւիր մարզի մինչեւ 5 տարեկան երեխաներու մօտ 35 տոկոսը բժիշկի չէ այցելած. 260 ընտանիքներու երեխաներու բժշկական քննութիւնները ցոյց տուած են, որ 152 երեխաներ ունին ֆիզիքական եւ մտաւոր հաշմանդամութիւն եւ պէտք ունին բժշկական անմիջական միջամտութեան. գիւղական շրջաններու մէջ երեխաներու 10 առ հարիւրը պետական գրանցում չունի, այլ խօսքով՝ կառավարութիւնը տեղեակ իսկ չէ անոնց գոյութենէն, հետեւաբար՝ թերի են հաշմանդամ, հիւանդ, թշուառ եւ անապահով երեխաներու մասին կառավարութեան հրապարակած պաշտօնական տուեալները. նոյն շրջաններուն մէջ, առողջապահական երկարատեւ խնամքի պէտք ունեցող երեխաներու 45 առ հարիւրը նիւթական պատճառներով զրկուած է բժշկական ծառայութենէ:

Երեխաներու միջազգային օրուան առիթով անկարելի էր չմտածել այս երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն դիմագրաւած հսկայական դժուարութիւններուն մասին: Ճիշդ է, տարուէ տարի կը նուազի աղքատութիւնը Հայաստանի մէջ, եւ անապահով երեխաներու քանակն ալ անկում կ’արձանագրէ, բայց այն փաստը, որ մեր հայրենիքի երեխաներուն երեսուն առ հարիւրը թշուառութեան մէջ կ’ապրի, արդէն իսկ բաւարար է ահազանգը հնչեցնելու:

Աղքատութեան յաղթահարան կառավարութեան ծրագիրը թէեւ պետական մակարդակով երեխաներու հարցերու լուծման ճամբայ կը հարթէ, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ իւրաքանչիւրս կրնանք ունենալ մե՛ր ներդրումը: Հայաստանի անապահով երեխաներու խնամատարութեան եւ հոգատարութեան համար ՀՕՄի եւ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ծրագիրները, ինչպէս նաեւ անհատներու եւ գործարար ընկերութիւններու նախաձեռնութիւնները կրնան մեծ փոփոխութիւն յառաջացնել այս երեխաներուն կեանքին մէջ: Մասնակցինք բոլո՛րս, մեր կարելիութեան չափով, բայց կեանք մը դէպի լաւը փոխելու վճռակամութեամբ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Հայաստան՝ Երկիր Ժամադրավայր
Հայաստան տեղափոխուած կամ գործի բերումով Երեւան բնակող սփիւռքահայերը յաճախ կը բողոքեն, որ ամառները զրկուած են հանգիստ ընելու հնարաւորութենէն, քանի որ Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, ու մանաւանդ՝ Յունիսի կէսերէն մինչեւ Սեպտեմբերի վերջը, իրենց ազատ ժամերուն մեծ մասը կը տրամադրեն հայրենիք այցելող բարեկամներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն: Իրապէս՝ Հայաստանը ծրագրուած ժամադրութիւններու կամ անակնկալ, պատահական հանդիպումներու երկիր է: Անձամբ ես կրնամ վկայել, որ Հայաստան կեցութեանս չորս տարիներուն ընթացքին այլ աշխարհներ ապրող շատ աւելի մեծ թիւով հարազատներու եւ ընկերներու հանդիպած եմ, քան որեւէ մէկ այլ ժամանակ: Հաւանաբար նոյն բախտին արժանացած պիտի չըլլայի, եթէ ըսենք, ապրէի Պէյրութ կամ Լոս Անճելըս:

Հայաստանը դարձած է տեսակ մը ժամադրավայր, ուր իրար կը հանդիպին վաղուց իրարմէ բաժնուած եւ տարիներէ ի վեր կարօտով ապրող հարազատներ ու բարեկաներ, դասընկերներ ու գործընկերներ, թաղի ընկերներ ու դրացիներ: Բոլորն ալ, ճակատագրի բերումով, հեռացած են իրարմէ ու կ’ապրին տարբեր երկիրներ՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկաներ, Եւրոպա եւ Աւստրալիա, ու յանկարծ, Երեւանի փողոցներուն մէջ, հիւրանոցի մը առջեւ կամ սրճարանի մը մուտքին, պատահաբար կը հանդիպին եւ կը վերականգնեն հին օրերու քաղցր ու տխուր յիշատակները: Ու վերջաւորութեան, բոլորն ալ չեն մոռնար իրար յիշեցնելու, թէ որո՞ւն մտքէն անցնէր, որ օր մը այսպէս, չսպասած մէկ պահու ու շա՜տ պատահական, պիտի հանդիպէին բոլորին երազած ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ, ու պիտի պատմէին իրենց կեանքի լաւ ու վատ օրերուն մասին:

Հայաստան հաստատուած սփիւռքահայերուս համար այլեւս զարմանալի չեն թուիր նմանօրինակ հանդիպումները: Սորված ենք արդէն, որ ամէն ամիս ծանօթ մը կամ ծանօթներ պիտի աւետեն հայրենիք իրենց գալուստը: Կամ փողոցը, վաղուց անհետացած ընկեր մը յանկարծ մեր առջեւ պիտի ելլէ ու անակնկալ այս հանդիպումը պիտի աւարտի Սեւան այցելութեամբ, անխուսափելի հայկական կերուխումով ու հայրենիքի մէջ վերստին հանդիպելու խոստումով:

Այս տարի թէեւ ուշացումով, բայց այցելուներու շքերթը սկսած է արդէն: Վերջին այցելուս Լոս Անճելըսէն Վարդանն էր, մանկութեան եւ պատանեկութեան ընկերս, Լիբանանի Այնճար հայաւանի աւետարանական դպրոցի գիշերօթիկի աշակերտ, որուն հետ կապս ակամայ խզուած էր մօտ 15 տարի առաջ: Դժբախտաբար, Հայաստան իր առաջին այցելութեան առաջին քանի մը օրերը այդքան ալ հաճելի չեղան: Երկար ճամբորդութեան պատճառով քունի խանգարումը եւ Մայիսի կիսուն յանկարծ Հայաստան հասած արտասովոր ցուրտ եղանակը այդքան ալ գրաւիչ չէին դարձներ Հայաստանը ընկերոջս համար, որովհետեւ ոչ տեսարաժան կամ պատմական վայրեր այցելելու, ոչ ալ Երեւանի ընկերային ճոխ կեանքը վայելելու առիթ կար: Քանի մը օր ետք, սակայն, եղանակի փոփոխութեան հետ անհետացաւ ընկերոջս քունի տագնապը ու շողացող արեւուն հետ պայծառացաւ նաեւ իր տրամադրութիւնը: Ինծի համար, ամէնէն հետաքրքրականը ընկերոջս ապրումներն էին՝ իւրաքանչիւր անգամ, որ Արարատը բացուէր իր աչքերուն առջեւ: Ինքնաշարժին մէջ կամ քալած ժամանակ, Աշտարակի թէ Գառնիի ճանապարհին, Սեւանէն վերադարձին ու Երեւանի փողոցներուն մէջ պտտելու ընթացքին՝ Վարդանը յանկարծ կը կանգնէր ու ժամերով կը նկարէր Արարատը, բացայայտ յուզումով կը դիտէր, կը խոկար ու դարձեալ կը նկարէր: Իսկ ես, երբ այլեւս յոգնէի սպասելէն, ընկերոջս կը յիշեցնէի, որ Հայաստանի մէջ արդէն անեկդոտի վերածուած է Արարատին հանդէպ ունեցած սփիւռքահայուն պղատոնական սէրը: Վարդան Արարատը վերջին անգամ նկարեց օդակայանէն, իր մեկնումի օրը, ու պնդեց, որ իրեն համար անպայման հող մը կամ բնակարան մը գնեմ, որովհետեւ որոշած է նորէն վերադառնալ, ու իր հետ բերել նաեւ իր ընտանիքի անդամները, որովհետեւ, ինչպէս ինք ըսաւ, Հայաստանը ճակատագրով իրարմէ բաժնուած ընկերներու եւ հարազատներու ժամադրավայրն է, ճակատագրով բաժնուած, բայց անպայմանօրէն ճակատագրակից հայորդիներուն, բոլո՛ր հայորդիներուն հանդիպման վայրը:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com