Home » Սասունեանի ԱնկիւնըYou are browsing entries filed in “Սասունեանի Անկիւնը”
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Գրեթէ մէկ դար Թուրքիոյ ղեկավարները փորձած են թաքցնել Հայոց Ցեղասպանութեան հրէշաւոր յանցանքը՝ քօղարկելով այն, ինչ իրականութեան մէջ կատարուած էր սուրիական անապատի մահուան դաշտերուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան օրօք: Թուրքիոյ հզօր պետութիւնը իր զգալի ֆինանսական եւ դիւանագիտական աղբիւրները ուղղած է Ցեղասպանութեան ժխտման այդ ստոր գործին:
Թուրքիոյ ղեկավարները կարծէք չեն գիտակցիր, թէ ժխտելով ու ստելով, ինչպէս նաեւ իրենց [...]
February 2nd, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ ղեկավարները ամիսներ շարունակ կը սպառնային Ֆրանսայի հետ հաշուեյարդար տեսնել, եթէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Արհամարհելով Թուրքիոյ սպառնալիքները՝ Ֆրանսայի խորհրդարանը 2011 թուականի Դեկտեմբեր 22ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ծերակոյտը շարունակեց այդ գործընթացը 2012 թուականի Յունուար 23ին, եւ 7 ժամ տեւած քննարկման իբրեւ արդիւնք՝ ընդունեց օրինագիծը 127 կողմ եւ 86 [...]
January 26th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ ղեկավարները պարբերաբար կը յայտարարեն, թէ իրենք չեն վախնար իրենց երկրի անցեալին հետ առճակատուելէն: Սակայն, հազիւ թէ ոեւէ մէկը անոնց յիշեցնէ իրենց պատմութեան ամենամութ դրուագները, անոնք կը մատնուին խուճապի եւ հանդէս կու գան բուռն արձագանգներով:
Թուրք պաշտօնատարներուն արտասովոր վարքագիծի վերջին օրինակը անոնց արձագանգն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման ուղղուած Ֆրանսայի նախաձեռնութիւններուն: Հակառակ Թուրքիոյ [...]
January 19th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Օպամայի վարչակարգին իրերայաջորդ քաղաքական սայթաքումներուն հետեւանքով, Մեթիու Պրայզա ստիպուած եղաւ անցած շաբաթ լքել Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի իր պաշտօնը:
Նախագահ Օպամա անտեսեց 2010ի Մայիսին Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին համար իր կողմէ առաջադրուած թեկնածուի լուրջ թերութիւններուն մասին բազմաթիւ զգուշացումները: Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները Պրայզան կը մեղադրէին ատրպեճանամէտ դիրքորոշում եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ կասկածելի կապեր ունենալու համար: [...]
January 12th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
2011ին Թուրքիոյ ղեկավարները թոյլ տուին լուրջ մարտավարական սխալի մը: Զանոնք այնքա՛ն մտահոգած
էր 2015 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գալիք «ցունամին», որ անտեսած էին աւելի անմիջական քաղաքական փոթորիկները:
Հայերը արագօրէն օգտուեցան Թուրքիոյ բացթողումէն՝ հասնելով շարք մը յաջողութիւններու.
1- Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծ.
2- ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն վերադարձնել հայկական [...]
January 5th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիան մեծ պարտութիւն կրեց անցեալ շաբաթ, երբ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ նշանակալից բանաձեւ մը ընդունեց՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ կառավարութեան, որ վերադարձնէ բռնագրաւուած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներն ու այլ կալուածներ «իրենց օրինական տէրերուն»:
Այս յաղթանակը յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ հեղինակութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին [...]
December 22nd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախագահ Սարգսեան Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ հանդէս եկաւ կարեւոր ելոյթով մը, որուն ընթացքին ան ներկայացուց Թուրքիայէն Հայաստանի պահանջներու բաւարարման նոր ռազմավարութիւն մը: Մինչ այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն:
Առաջին անգամն ըլլալով է որ նախագահը խօսեցաւ Հայաստանի՝ «արդարութեան» պահանջին մասին: Վստահ ըլլալու համար, որ իր պատգամը լսելի եւ հասկանալի պիտի դառնայ, ան [...]
December 15th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ տարի Լոս Անճելըսի Դաշնակցային դատարանը երկու առանձին հայց ներկայացուցած է՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր երկու մեծ դրամատուներուն, 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք հայերէն գրաւուած կալուածներուն դիմաց փոխհատուցում պահանջելով:
Առաջինը խմբային հայց էր, որով կը պահանջուէր միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարներ՝ Թուրքիոյ հանրապետութենէն, «Ziraat» դրամատունէն եւ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունէն, որոնք անարդարօրէն հարստացած էին Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղահանուած եւ [...]
December 8th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ մեծ խառնաշփոթ ստեղծուեցաւ թուրք հասարակութեան մօտ, երբ վարչապետ Էրտողան անսպասելիօրէն ներողութիւն խնդրեց 1930ական թուականներուն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար, որոնց մասին մինչ օրս արգիլուած էր խօսիլ:
Քիւրտերու կոտորածներուն եւ Հայերու Ցեղասպանութեան միջեւ քանի մը բացայայտ նմանութիւններ կան: Ապստամբութիւնը ճնշելու քօղին տակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Քեմալ Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ, հրամայեց սպաննել եւ տեղահան ընել [...]
December 1st, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը Սուրիոյ իշխանութիւնները դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ անոնց ծաւալած ութամսեայ արշաւին համար։
Որոշումը որդեգրուեցաւ 122 թեր, 13 դէմ եւ 41 ձեռնպահ քուէներով։ Որոշումին թեր քուէարկած երկիրներուն շարքին են Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Մարոքը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը։
Իր կարգին, Ռուսիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով դէմ արտայայտուեցաւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քանի մը շաբաթ ետք, երբ թրքական մեծածախս լոպիիստական ընկերութիւնները ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացնեն իրենց պարտադիր հաշուետուութիւնները, կարեւոր բացայայտումներ պիտի կատարուին իրենց ծածուկ գործունէութեան վերաբերեալ, որով կը փորձեն Քոնկրեսին միջոցով վաւերացնել այնպիսի օրինագիծ, որ թրքական ընկերութիւններուն կը շնորհէ Ամերիկայի հնդիկ ցեղերուն պատկանող հողերուն մէջ ներդրումներ կատարելու մենաշնորհեալ դիրք:
Այս հաշուետուութիւնները պիտի բացայայտեն այն անձանց ինքնութիւնը, որոնք [...]
November 23rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախքան Ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հազարաւոր հայեր ապահովագրած էին իրենց կեանքը ամերիկեան եւ եւրոպական ընկերութիւններու մօտ, որպէսզի իրենց մահէն ետք իրենց ժառանգորդները դրամական հատուցում ստանան:
Ցաւօք, այս ընկերութիւններէն շատերը հրաժարեցեան իրենց գործարքը կատարելէ, երբ հայ ապահովագրեալները իրենց ընտանիքներով կոտորուեցան Ցեղասպանութեան ընթացքին: Շատ դէպքերու պարագային, ոչ մէկ ազգական ողջ մնացած էր, որպէսզի զոհերուն փոխարէն պահանջէր [...]
November 17th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քանտըլիզա Ռայս, վերջերս հրապարակած «Ուաշինկթընի Մէջ Անցուցած Տարիներուս Յուշագիրը. Չկայ Աւելի Մեծ Պատիւ» խորագիրով իր 750 էջնոց գիրքին մէջ հպարտութեամբ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւներու տապալման ուղղութեամբ իր մղած պայքարին մասին, երկու տարբեր առիթներով: Ան մեծ գոհունակութեամբ կը նշէ, թէ յաջողած է խոչընդոտել ԱՄՆ Քոնկրեսին կողմէ 1991 եւ [...]
November 10th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ նախագահ Ալիեւ նշեց Միաւորուած ազգերու կազմակերպութենէն ներս (ՄԱԿ) իր երկրին տարած պատմական յաղթանակը: Ատրպէյճանը, առաջին անգամն ըլլաով ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ հեղինակաւոր ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, երկու տարուան ժամկէտով:
Այս յօդուածը պիտի արծարծէ հետեւեալ երեք հարցերը.
1) Ատրպէյճան ինչպէ՞ս յաջողեցաւ ընտրուիլ նման հեղինակաւոր մարմինի մը կազմին մէջ. 2) Ատրպէյճան ի՞նչ պիտի իրագործէ իր ձեռք [...]
November 3rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ բացայայտիչ պատգամ մը ստացայ Պենիամին Եաֆեթէն, որ 1976ին Թուրքիայէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հրեայ մըն է: Եաֆեթ թոշակառու փրոֆեսէօր է եւ Արիզոնայի մէջ «High Tech» ոլորտի գործարար:
Փրոֆ. Եաֆեթ խոստովանեցաւ, որ ինք վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մոլի ջատագով մը ըլլալէն վերածուած է հակաթուրք խաչակիրի մը: Ան բացատրեց, թէ սկած է «նողկալու» թուրքիայէն, երբ Հիթլերի «Մայն Քամֆ»ը [...]
October 27th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Գրեթէ մէկ դար անցած է, սակայն Թուրքիոյ հանրապետութիւնը շարունակ կը վարկաբեկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը յամառօրէն մերժելուն համար:
Հոկտեմբերի սկզիբը, Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դատապարտեց Թուրքիան՝ յայտարարելով, որ 96 տարին բաւական երկար ժամանակ է, որ Անգարան ալ հաշիւի նստի իր կատարած ցեղասպանական արարքներուն հետ: Ան նաեւ սպառնաց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժել պահանջող օրէնքը [...]
October 20th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, Հայաստան մեկնած ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի տեղեկացուց իր գլխաւոր օգնականներուն. «Ես նռնակ մը պիտի պայթեցնեմ»: Այսպիսով, ան բացայայտեց վճռականօրէն գործելու իր պատրաստակամութիւնը, եթէ Թուրքիան շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ժամանելով Երեւան՝ նախագահ Սարքոզի հանդէս եկաւ համարձակ յայտարարութեամբ մը, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ հաւաքուած լրագրողներուն դիմաց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որ ճանչցուած է [...]
October 13th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայերը լուրջ հիմք ունին վիրաւորուած զգալու՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումին համար: Անգթութիւն է այն, որ Ողջակիզումի կարգ մը զոհեր անզգայ կը գտնուին մէկ այլ ժողովուրդի մը նկատմամբ, որ նման ճակատագիր մը ունեցած է: Իսրայէլի կողմէ այդ վիրաւորական մերժումը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ՝ իր «ռազմավարական դաշնակիցին», գոհացնելու ոչ-բարոյական ցանկութեամբ:
Իսրայէլի բազմաթիւ քաղաքացիներու նման, դոկտոր [...]
October 6th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Համայն հայութեան համար Սեպտեմբերը տօնական ամիս է, քանի որ այդ ամիս հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան քսանամեակը: Տակաւին երկու տասնամեակ առաջ, հայերը չունէին մէկ անկախ պետութիւն: Այժմ անոնք ունին երկուքը եւ անհամբեր կը սպասեն այն օրուան, երբ երկու պետութիւնները պիտի միանան երրորդին՝ Արեւմտեան Հայաստանին՝ հաստատելով Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը [...]
September 29th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Սկովտիացի գիտաշխատող Սթիվըն Սիմ զեկուցած էր իր տհաճ տպաւորութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ ներկայիս գրաւուած պատմականօրէն հայկական տարածք հանդիսացող Նախիջեւան իր կատարած այցին մասին: Քանի որ Սիմի 2006 թուականի բացայայտող զեկոյցը պատշաճ կերպով չէր լուսաբանուած միջազգային մամուլով, կը փափաքիմ այս յօդուածով ներկայացնել անոր որոշ կարեւոր հայեցակէտերը:
Սիմը յայտնած է, որ ինք Նախիջեւան մտած է ինքնաշարժով, թրքական սահմանէն, [...]
September 22nd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ես պատիւն ունեցայ ներկայ գտնուելու Պէյրութի մէջ Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հովանաւորուած յատուկ միջոցառումի մը, որ նուիրուած էր արաբերէնի թարգմանուած իմ նոր գիրքի հրատարակութեան՝ «Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններ. Ճշմարտութի՞ւն, Թէ Խաբէութիւն»ի: Գիրքը այդ 43 խմբագրականներուն ժողովածուն է, զորս վերջին երեք տարիներուն ընթացքին գրած էի վիճայարոյց արձանագրութիւններուն մասին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ:
ՀԴՅի ներկայացուցիչներէն Ճորճ [...]
September 15th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան Ճօ Լուիս իր արագաշարժ հակառակորդին օր մը զգուշացուցած էր
ըսելով. «Կրնաս վազել, սակայն չես կրնար պահուըտիլ»: Միեւնոյն նախազգուշացումը հիմա կարելի է ընել Թուրքիոյ կառավարութեան ու անոր երկու մեծ դրամատուներուն:
Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, երբ երեք ամերիկահայեր ԱՄՆի դաշնակցային դատարանին մէջ դատ բացին (հայց ներկայացուցին) ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, Կեդրոնական եւ «Ziraat» դրամատուներէն պահանջելով միլիոնաւոր տոլարի [...]
September 8th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ թուրք ղեկավարները դիմեցին նոր խորամանկութեան մը՝ փորձելով իրենց երկրին բազմիցս ճնշուած փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կեղծ վեհանձնութեամբ դրական տպաւորութիւն թողել միջազգային հանրային կարծիքին վրայ:
Անցեալ շաբաթ վարչապետ Էրտողան ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, իբր թէ՝ պէտք է վերադարձուէին քրիստոնեայ ու հրէական համայնքներու հիմնարկութիւններուն կամ բարեգործական կազմակերպութիւններուն պատկանող հարիւրաւոր կալուածներ: Ներկայիս Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ գոյութիւն ունի [...]
September 1st, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ կողմէ հազարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու սրբապղծութիւնը եւ ոչնչացումը քօղարկելուն
համար սուր քննադատութեան արժանանալէն ետք, նախագահ Օպամայի կողմէ Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆի դեսպանի պաշտօնին նշանակուած Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ ինքզինք հակասեց անցեալ շաբաթ՝ ընդունելով այն փաստը, որ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915 թուական գործող եկեղեցիներուն մեծ մասը այսօր չի գործեր:
Դեսպան Ռիքարտոնէ հերքեց իրեն կողմէ վերջերս տարածուած թրքական ապատեղեկատուութիւնը, գիտակցելէ ետք, [...]
August 25th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախագահ Օպամա այս օրերուն բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւէ: Անցեալ տարուան վերջաւորութեան, երբ ծերակուտականները ընդդիմացան անոր կողմէ դեսպանի պաշտօնի համար առաջադրուած թեկնածուներէն մի քանիին՝ ներառեալ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի թեկնածուին, նախագահը դիմեց շատ հազուադէպ օգտագործուող մարտավարութեան մը՝ դեսպանները նշանակելով առանց Ծերակոյտին համաձայնութեան, քանի տակաւին Քոնկրեսը արձակուրդի մէջ է:
Ի տխրութիւն նախագահ Օպամայի, հարցի լուծման անոր այս ոչ [...]
August 18th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Եթէ Նախագահ Օպամա չվերընտրուի երկրորդ շրջանի համար, ապա այդ բանին համար Օպաման պէտք է
մեղադրէ միայն ինքզինք: Ճիշդ է, որ Օպամային ժառանգութիւն մնացին Պուշի վարչակազմին կողմէ նախաձեռնուած պատերազմները Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ, ինչպէս նաեւ քայքայուած տնտեսութիւնը, սակայն ան ոչ միայն չյաջողեցաւ երկիրը դուրս հանել այդ ճահիճէն, այլեւ որոշ առումներով՝ խնդիրները ա՛լ աւելի խորացուց:
Թերեւս նախագահ Օպամայի [...]
August 11th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի նախագահին դէմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թ. Էրտողանի կողմէ
բարձրացուած աղմուկը նպաստեց Թուրքիայէն հայկական հողային պահանջները միջազգային հանրութեան ներկայացնելուն:
Խեղաթիւրելով եւ չափազանցելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Յուլիս 23ին Ծաղկաձորի մէջ խումբ մը աշակերտներու հարցումներուն տրուած պատասխանները՝ Էրտողանը «մրջիւնէն փիղ սարքեց»: Ամէն ոք, որ կը կարդայ Հայաստանի նախագահին իսկական բառերը, հազիւ թէ հաւատայ, որ անոնք կրնային [...]
August 4th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամերիկեան Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յուլիս 20ին ընդունած է խիստ
ձեւակերպումներ պարունակող որոշում մը՝ պահանջելով, որ Թուրքիան բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնէ անոնց «օրինական սեփականատէրերուն»:
43 կողմ եւ 1 դէմ ձայնով, Քոնկրեսի նշեալ յանձնախումբը համապարփակ յաւելուած ընդունած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան Օտարերկրեայ յարաբերութիւններու Լիազօրման որոշումին մէջ՝ կոչ ընելով «ԱԳ նախարարին, որ Թուրքիոյ ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ այլ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ ամիս Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան մը ընթացքին, փրոֆ.
Թաներ Աքչամի յայտարարութիւնը նման էր ռումբի պայթումի, երբ ան բացայայտեց, որ Պոլսոյ մէջ գաղտնի աղբիւր մը իրեն յայտնած է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ կառավարութիւնը կաշառած է ամերիկացի գիտնականներ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար:
Մեսեչուսեցի Ուսթըր քաղաքի «Քլարք» համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան «Գալուստեան-Մուկար» ամպիոնի վարիչ դոկտ. Աքչամ [...]
July 14th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ ազդեցիկ հայերը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցելով, պէտք է ձեռնարկեն միջազգային մակարդակով լոպիիստական արշաւի մը՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին թոյլ չտալու համար անդամակցիլ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին:
Երեք տարի առաջ հանդէս եկայ նմանատիպ խնդրանքով մը, երբ Թուրքիան, 1961էն ի վեր առաջին անգամ փորձեց անդամակցիլ Անվտանգութեան խորհուրդին: Ես յորդորեցի աշխարհասփիւռ հայերը կապ հաստատել [...]
July 7th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս (ԵԽԽՎ): Իր 30 վայրկեան տեւողութեամբ համապարփակ ճառին մէջ, նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին խնդիրներուն՝ օտարերկրեայ բարձրաստիճան լսարանին առջեւ երկիրը ներկայացնելով լաւագոյն լոյսի տակ:
Ներքին հարցերու առումով, նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ փտածութեան դէմ պայքարին, «արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ» իրականացնելու եւ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամերիկահայ համայնքը անցեալ շաբաթ կարեւոր քայլ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու եւ վերջ դնելու թրքական կառավարութեան որդեգրած երկարաժամկէտ քաղաքականութեան, որու նպատակն էր ջնջել հայոց քաղաքակրթութեան բոլոր հետքերը այսօրուան Թուրքիոյ հողատարածքներէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան սոսկ ընդունումէն անդին երթալով, Քոնկրեսի որոշ անդամներ ներկայացուցին նոր բանաձեւ մը, որ «Թուրքիոյ հանրապետութենէն կը պահանջէ պահպանել իր քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ վերադարձնել բռնագրաւուած [...]
June 23rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նոր բանաձեւ մը կը ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան, այս շաբաթ:
Առաջին հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ երրորդ անգամն ըլլալով Քոնկրեսէն կը խնդրուի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յայտնի է, որ Ներկայացուցիչներու տունը արդէն երկու անգամ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւներ՝ 1975ին եւ 1984ին: Հայերուն ի՞նչ օգուտ կու տայ բանաձեւին երրորդ անգամ ընդունուիլը: Եւ եթէ [...]
June 16th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ՝ համաձայնելու» վերտառութեամբ վերջերս գրած յօդուածիս մէջ ես յորդորեցի ամերիկահայ համայնքը համախմբուիլ եւ սկսիլ կեանքի կոչելու վաղուց սպասուած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանն ու յուշահամալիրը, որ կը գտնուի Ուաշինկթըն, Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս անդին:
Ես այդ առաջարկութիւնը ներկայացուցի այն բանէն ետք, երբ դաշնակցային դատաւորը վճիռ կայացուց, թէ «Քաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը թանգարանի շէնքերու [...]
June 9th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Տասնմէկ տարի առաջ, Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը երկարաձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն նպաստները չվճարած ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մինչեւ 2010 թուականի վերջաւորութիւնը:
Մինչեւ 2000 թուական, այդ ժառանգները չէին կրնար դատի տալ ապահովագրական ընկերութիւնները, քանի որ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը վաղուց անցած էր: Քալիֆորնիոյ օրէնսդրութեան համաձայն, նման հայց ներկայացնելու ժամկէտը կը սահմանուի 4 տարիով:
Նախորդ տասնամեակին, երբ [...]
June 2nd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը անցեալ ամիս ամօթալի ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ):
Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ ներկայացած էր աւելի շատ իրբեւ Թուրքիոյ լոպիիստ, քան ԵԽԽՎի նախագահ, գովաբանական շռայլ խօսքերէ ետք, Էրտողանը հրաւիրեց բեմ: Չաւուշօղլու, իշխող Արդարադատութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան հիմնադիր անդամ է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ:
Իր երկար ելոյթին մէջ, վարչապետը [...]
May 26th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Դժբախտաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի եւ յուշահամալիրի (AGM&M) ստեղծման վեհ եւ սուրբ գաղափարը Ուաշինկթընի մէջ հասաւ դատարանին դռները։ Սակայն, հակառակ ժողովուրդին մէջ տարածուած կարծիքին, խնդիրը պարզապէս երկու հարուստ անձերու՝ Ճերարտ Գաֆէսճեանի եւ Հրայր Յովնանեանի, միջեւ հակամարտութիւն չէր, ոչ ալ սոսկ տարաձայնութիւն՝ ծրագիրի չափին ու ծաւալին շուրջ։ Իսկական վէճը յառաջացաւ, երբ Հայկական Համագումարին առաջնորդները փորձեցին իրենց ձեռքը առնել «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ նուիրաբերուած բազմամիլիոն տոլար արժող թանգարանային շէնքերուն վերահսկողութիւնը եւ զրկել Գաֆէսճեանը՝ իբրեւ «AGM&M» բարեգործական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, որեւէ որոշում կայացնելու լիազօրութենէն։
Երկարատեւ դատավարութենէ ետք, դաշնակցային դատաւոր Քոլին Քոլար-Քոթելի, 2011ի Յունուար 26ին կայացուց վճիռ մը, թէ թանգարանային շէնքերը պէտք է վերադարձուին «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին։ Ան ուժի մէջ ձգեց 2003ի Նոյեմբեր 1ին Ամերիկայի Հայկական Համագումարին կողմէ ստորագրուած դրամաշնորհային համաձայնագիրով սահմանուած «վերադարձման դրոյթը», որով կը նախատեսուի, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշահամալիր ստեղծելու նպատակով Համագումարին նուիրաբերուած շէնքերը պիտի վերադարձուին «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին, եթէ Համագումարը չյաջողի աւարտին հասցնել թանգարանին ստեղծումը մինչեւ 2010 թուականի Դեկտեմբեր 31ը։ Այդ պարտաւորութիւնը հետագային փոխանցուեցաւ «AGM&M» կազմակերպութեան:
Ի պատասխան Համագումարին կողմէ ներկայացուած՝ 2011ի Յունուար 26ի վճիռը բողոքարկող նոր հայցին, դատաւոր Քոլար-Քոթելի 2011ի Մայիս 9ին կայացուց վերջնական որոշում մը՝ հրահանգելով, որ Համագումարը «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին փոխանցէ թանգարանի շէնքերուն սեփականութիւնը, ոչ ուշ քան 2011ի Մայիսի 23ը։ Ան մերժեց Համագումարին՝ դատը վերստին սկսելու պահանջքը։ Ան նաեւ խնդրեց դատաւորի օգնականէն, որ իրեն ներկայացնէ «AGM&M»ի կողմէ փոխհատուցման ենթակայ՝ Գաֆէսճեանի իրաւաբանական ծախսերուն ճշգրիտ գումարը:
May 19th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
2012 թուականին, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի հայերը ընդհանուր մարտահրաւէր մը ունին. ամէն ինչ ընել՝ կանխելու համար իրենց խաբեբայ նախագահներուն վերընտրութիւնը:
May 12th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Լոս Անճելըսի «FOX» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը երկու օր անընդմէջ ուղիղ եթերով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցազրոյցի մը հրաւիրած էր տողերուս հեղինակը: Առաջինը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24ին, կայանի երեկոյեան լուրերու ծրագիրին ընթացքին, եւ տեւեց հինգ վայրկեան, իսկ երկրորդը՝ աւելի քան վեց վայրկեան տեւողութեամբ, տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 25ին, «Good Day LA» «շօ»ի ընթացքին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ այդ [...]
May 5th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Հակառակ նախագահ Օպամային ուղղուած ամերիկահայերուն յամառ յորդորներուն՝ խուսափելու համար Ապրիլ 24ի ամէնամեայ իր ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փոխարէն «Մեծ Եղեռն» բառեզրը օգտագործելէն, երեք տարի անընդմէջ ան կը շարունակէ նոյն ձեւով վարուիլ:
April 28th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Ամօթալի երեւոյթ է, որ Սփիւռքի հայկական մեծագոյն համայնքը, նախագահ Օպամայի՝ Քալիֆորնիա այցելութիւններուն ընթացքին ձախողած է առիթէն օգտուելու, բողոքելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն դէմ: Երբ անցեալ Հոկտեմբերին Օպամա այցելեց Լոս Անճելըս եւ Կլենտէյլ, ոչ մէկ հայ հակադրութիւն ցոյց տուաւ անոր հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին:
April 14th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ Հինգշաբթի երեկոյեան, հարիւրաւոր հայեր հաւաքուած էին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը (UCLA), լարուածութեամբ լսելու համար Հասան Ճեմալը՝ հայ ժողովուրդի երեք գլխաւոր դահիճներէն մէկուն՝ Ճեմալ փաշայի թոռը: «Տէր Զօրէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ. Զրոյց Հասան Ճեմալի Հետ» խորագիրը կրող սոյն բացառիկ եւ վիճայարոյց միջոցառումը կազմակերպած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ասպետներուն կողմէ:
April 7th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ, կեանքի ապահովագիրներու տէրերու հայ ժառանգորդներուն փաստաբանները ծանրակշիռ պատասխան ներկայացուցին գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն՝ դաշնակցային վերաքննիչ դատարանէն վերաքննութիւն պահանջող միջնորդութեան դէմ:
March 31st, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
2004 եւ 2005 թուականներէն ի վեր, երբ «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ «AXA» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ դատական գործընթացը աւարտեցաւ՝ բաւարարելով 37.5 միլիոն տոլարի պահանջը, Ցեղասպանութեան տարիներուն ապահովագրուած անձանց ժառանգորդներուն եւ Հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններուն կատարուած փոխհատուցումները երբեք չեն բացայայտուած:
March 24th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Թուրք ղեկավարները յաճախ կը պարծենան անով, թէ իրենք յաջողած են սնանկ տնտեսութիւն եւ ներքաղաքական լուրջ խնդիրներ ունեցող երկիրէ մը, Թուրքիան վերածել մեծ ազդեցութիւն ունեցող տարածաշրջանային հզօր պետութեան մը:
March 10th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Վերջերս Պոլսոյ մէջ երկու փաստաթուղթեր նոր լոյս սփռած են Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու խախտումներուն վրայ: Այդ զեկոյցներուն հեղինակները զգուշաւոր, սակայն ճիշդ գնահատական տուած են հայկական, յունական եւ հրէական համայնքներուն դիմաց ծառացած հիմնախնդիրներուն:
March 3rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Փետրուար 16ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հանրային դիւանագիտութեան կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանը՝ «Հանրային դիւանագիտութիւն. թրքական փորձը» թեմայով:
February 24th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Շուրջ չորս տարի տեւած անախորժ դատական պայքարներէ ետք, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատաւորը անցեալ ամիս որոշում կայացուց «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարին ներկայացուցած շարք մը դատական հակընդդէմ հայցերուն գծով: Սոյն վէճը կը վերաբերի ստեղծմանը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ յուշահամալիրին (AGM&M), որ կը գտնուի Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս հեռաւորութեան վրայ:
February 17th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Սոյն թուականի Յունուար 30ին, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կատարած յայտարարութեան համաձայն, Հայաստանի հանրապետութիւնը մտադիր է Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարել՝ ստեղծելու համար նոր օրէնսդրական վերին պալատ մը՝ Սենաթ, որ իր շարքերուն մէջ պիտի ընդգրկէ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ:
February 10th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ ամիս, երբ կեանքի ապահովագրութեան գերմանական ընկերութիւնները Միացեալ Նահանգներու դաշնակացային վերաքննիչ դատարանէն պահանջեցին վերաքննութիւն կատարել՝ վիճարկելով հայ հայցուորներու օգտին դատարանին կայացուցած որոշումը, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ներկայացուց «Ամիքիւս Քիւրէյ»ի («Դատարանի բարեկամ») խնդրագիր՝ ի պաշտպանութիւն գերմանական կողմին:
February 3rd, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Երբ ԱՄՆ 9րդ շրջանի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը երեք դատաւորներու կազմով կայացուց որոշում մը, ըստ որուն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները կրնան փոխհատուցում պահանջել Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործած ապահովագրական ընկերութիւններէն, գերմանական ընկերութիւնները միջնորդութիւն ներկայացուցին այդ նոյն դատարանին՝ լրիւ կազմով վերաքննութիւն իրականացնելու համար:
January 27th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, ամէն անգամ երբ բերանը կը բանայ, ամօթալի վիճակի մէջ կը ձգէ ինքզինք եւ իր կառավարութիւնը: Անոր ցասումնալի, յաճախ նաեւ ապշեցուցիչ եւ վիրաւորական յայտարարութիւնները միջազգային ասպարէզէն ներս կը ստեղծեն վատ համբաւ Թուրքիոյ համար, եւ կը դառնան նոր զէնք մը իր ընդդիմադիրներու ձեռքին:
January 20th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Ամերիկահայերը պէտք է վճռական հակազդեցութիւն ցոյց տան նախագահ Օպամային կողմէ Մեթիու Պրայզան Ատրպէյճանի մօտ եւ Ֆրենք Ռիքիարտոնէն Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպաններու պաշտօնին վրայ միակողմանի նշանակումներուն: Օգտուելով խորհրդարանական արձակուրդներէն՝ նախագահը շրջանցեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, այդ «ընդմիջումային նշանակումները» կատարելու համար Դեկտեմբեր 29ին:
January 13th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը արդարացիօրէն զայրացած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ Ներկայացուցիչներու տան Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը քուէարկութեան դնելու մերժումէն:
December 30th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Տարիներու ընթացքին, հայերը Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրէն իրենց ուշադրութիւնը աստիճանաբար սեւեռեցին դէպի 1915-1923 թուականներուն իրենց կրած մեծ կորուստներու իրաւական հետապնդումը:
December 23rd, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ ցնցիչ իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, երբ ԱՄՆ դաշնային վերաքննիչ դատարանը իրաւական եւ քաղաքական մեծ յաղթանակ շնորհեց ամերիկահայերուն: Դատարանը վերատեսութեան ենթարկեց աւելի վաղ ընդունած իր որոշումը եւ սահմանեց, թէ կեանքի ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ ներկայացուող դատական հայցերուն վերջնական ժամկէտը երկարաձգող Քալիֆորնիոյ օրէնքը սահմանադրական էր:
December 16th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբթուան ընթացքին, թրքական «Ճիհան» լրատուական գործակալութիւնը զգայացունց բացայայտում մը կատարեց. թրքական ահաբեկչական խմբակ մը ծրագրած էր սպաննել 2009ի Մարտ 22ին Թուրքիա այցելած հայ պատգամաւոր մը:
December 9th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Քանի մը օր առաջ աւարտեցաւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի երրորդ այցելութիւնը Լոս Անճելըս: Ի տարբերութիւն նախորդ երկու այցերուն, անցեալ շաբաթ ան իբրեւ պետութեան ղեկավար ընդունելութեան արժանացաւ յայտնի քաղաքական գործիչներու կողմէ, հակառակ այն հանգամանքին, որ Արցախը պաշտօնապէս ճանչցուած պետութիւն չէ միջազգային հանրութեան կողմէ:
December 2nd, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Մայքըլ Պոպելեան, իր «Հայաստանի երեխաները. մոռցուած Ցեղասպանութիւն եւ դարաւոր պայքար յանուն արդարութեան» տեղեկատուական հարուստ գիրքին մէջ երեւան հանած է կարեւոր, սակայն ոչ այնքան յայտնի փաստեր՝ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փորձերու երկարատեւ պատմութեան մասին:
November 18th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Նոյեմբեր 2ի ընտրութիւնները հանրաքուէ մըն էին՝ ուղղուած նախագահ Օպամային: Ամերիկացիներուն մեծ մասին յուսախաբ ըրած էր ան տնտեսական ձախողած քաղաքականութեամբ, իսկ ամերիկահայերը հիասթափեցուցած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին իր խոստումի դրժումով:
November 11th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ցնցուած էր փոխնախագահ Ճօ Պայտընի բացայայտումէն, թէ՝ նախագահ Սարգսեանը իրեն ըսած է. «Այժմ մի արծարծէք այս խնդիրը (Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը), քանի տակաւին մենք բանակցութիւններու մէջ ենք (թուրքերու հետ)»:
November 5th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ, ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ցնցուած էր փոխնախագահ Ճօ Պայտընի բացայայտումէն, թէ՝ նախագահ Սարգսեանը իրեն ըսած է. «Այժմ մի արծարծէք այս խնդիրը (Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը), քանի տակաւին մենք բանակցութիւններու մէջ ենք (թուրքերու հետ)»:
November 4th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Միացեալ Նահանգներու Նոյեմբեր 2ի Քոնկրեսի ընտրութիւնները, հաւանաբար հսկայական ալեկոծումներ պիտի յառաջացնեն Ամերիկայի քաղաքական դաշտին վրայ: Քարոզչական ծանուցումներն ու քաղաքական մեկնաբանութիւնները ողողած են եթերը եւ մարդիկ անհամբերութեամբ կը հետեւին հարցախոյզներուն, իմանալու համար թէ իրենց նախընտրած թեկնածուն կամ կուսակցութիւնը պիտի յաղթէ՝ թէ դուրս պիտի մնայ:
October 28th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
«Մետիքէր»էն (Medicare) միլիոնաւոր տոլարներ շորթելու համար մեղադրուող քանի մը հայերու մասին լայնօրէն շրջանառուող հաղորդումներուն առնչութեամբ, առաջին խնդիրն այն է, որ այդ անձերը անմեղ կը համարուին, քանի դեռ ապացուցուած չէ անոնց մեղաւոր ըլլալը: Միայն դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուելու պարագային, զանոնք կարելի է կեղծարարներ կամ յանցագործներ որակել:
October 21st, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Տարիներ շարունակ թրքական իշխանութիւնները խեղաթիւրած են Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Հակառակ անոր, որ այս բոլորը շատ ցաւալի ու նոյնիսկ նողկալի է, սակայն զարմանք չի յարուցեր, որովհետեւ չարագործները, սովորաբար կը ծածկեն իրենց մեղքը ու անմեղ կը ձեւանան:
October 14th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
2008 թուականին Ալապամայի մէջ գործող Հարաւային աղքատութեան իրաւական կեդրոն (SPLC) ոչ-շահութաբեր, քաղաքացիական իրաւունքներու կազմակերպութիւնը «Ժխտման պետութիւն. Թուրքիան միլիոններ կը ծախսէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քօղարկելու համար» խորագիրը կրող յօդուած մը հրապարակած էր:
October 7th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անսպասելի դէպք մը պատահեցաւ Մեթիու Պրայզային՝ Պաքու մեկնելու ճանապարհին: Սպիտակ տան եւ պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ հաւաստիացում ստանալով, որ ինք պիտի ըլլայ ԱՄՆ յաջորդ դեսպանը Ատրպէյճանի մէջ, Պրայզա Ուաշինկթընի իր տունը վարձու տուած է ու ճամպրուկները կապած՝ օդին մէջ արդէն զգալով քարիւղի ու կազի հոտը:
September 30th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Թուրքիոյ կառավարութեան սպասելիքները չարդարացան. ան չյաջողեցաւ աշխարհի չորս կողմէն ակնկալուող հազարաւոր ուխտաւորներու բազմութիւն ապահովել Սեպտեմբեր 19ին, Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ գրեթէ մէկ դար ետք մատուցուած առաջին պատարագին: Միայն քանի մը հարիւր հայեր մասնակցեցան այդ արարողութեան, առաւելաբար՝ Պոլիսէն:
September 23rd, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Օգոստոսի սկիզբը ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ծերակուտական Պարպարա Պաքսըրի խնդրանքով, մինչեւ Սեպտեմբերի կէսերը յետաձգեց Մեթիու Պրայզայի՝ Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածութեան քուէարկութիւնը:
September 16th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անփոյթ եւ ապօրինի վերաբերմունք ցուցաբերած է՝ չտրամադրելով Քոնկրեսին կողմէ Արցախին յատկացուած դրամական օժանդակութիւնը վերջին 12 տարիներուն ընթացքին:
Անցեալ շաբաթ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը բացայայտեց
September 2nd, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Վերջին տարիներուն ամերիկահայերը շարք մը հայցեր ներկայացուցին Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ ընդդէմ՝ ապահովագրական ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան՝ փոխհատուցում պահանջելով 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով առաջացած կորուստներու դիմաց:
August 26th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութենէն ի վեր՝ հայկական եկեղեցական արարողութիւնները արգիլելէ շուրջ մէկ դար ետք, թրքական կառավարութիւնը վերջապէս որոշած է թոյլատրել մէկ անգամ պատարագ մատուցել Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող 10րդ դարու Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ։
August 19th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ, երբ սենատորներն (ծերակուտականները- Խմբ.) իրենց աննախադէպ որոշմամբ խափանեցին նախագահի կողմից առաջադրուած դեսպանների թեկնածութիւնը ինչպէս Ադրբեջանում, այնպէս էլ Թուրքիայում, Բարաք Օբամայի վարչակազմը շատ անյարմար վիճակի մէջ յայտնուեց:
August 12th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Պարաք Օպաման նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրեց «փոփոխութեան» ծրագիրով, եւ նոր մօտեցումներ խոստացաւ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն ուղղութեամբ: Սակայն, ընտրութիւններէն ետք ան հիասթափեցուց իր կողմնակիցները՝ շարունակելով իր նախորդին վարած քաղաքականութիւնը:
July 29th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Հակառակ անոր, որ Լոզանի պայմանագիրով նախատեսուած է Թուրքիոյ մէջ բնակող ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն՝ հայերուն, յոյներուն եւ հրէաներուն իրաւունքներու պաշտպանութիւն, այնուամենայնիւ այդ իրաւունքները միշտ կ՛ոտնահարուին թրքական կառավարութեան կողմէ:
July 22nd, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի Երեքշաբթի, Յուլիս 20 թիւի խմբագրական-կարծիքներ բաժինին մէջ լոյս տեսած յօդուածով մը, «Քարնըկի» հիմնարկի այցելու ուսումնասիրող եւ «Լիհայ» համալսարանի միջազգային յարաբերութեանց դասախօս Հենրի Պարքի քննած է Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու Թուրքիոյ ձախող փորձերուն մասին՝
July 20th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ իսլամական արմատներ ունեցող կառավարութիւնը կը պայքարի լաչակ կրելու իրաւունքին ի նպաստ, իսկ Ֆրանսայի մէջ միայն աչքերը չծածկող լաչակի մէկ տարբերակը՝ «նիքապ»ը, արգիլելու նախաքայլը կ՛առնուի խորհրդարանին կողմէ (բանաձեւը օրէնքի պիտի վերածուի միայն եթէ Ծերակոյտը եւս զայն վաւերացնէ ու նախագահը՝ ստորագրէ), Սուրիոյ մէջ, աւելի լուռ պայքար մը կը տարուի լաչակներու դէմ:
July 19th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Յուլիս 5ին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ: Սակայն, ցաւօք, Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան տարածած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ այդ այցը ներկայացուեցաւ իբրեւ՝ «անձնական»: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները նման բնութագրում կիրառելով՝ փորձեցին կանխել թրքական կառավարութեան կողմէ որեւէ բացասական արձագանգ:
July 8th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Մեր ընթերցողները, հաւանաբար, կը յիշեն, թէ 2007 թուականին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ միջազգային հրապարակային ճարպիկ հնարքի մը, երբ վերանորոգեց ու իբրեւ թանգարան վերաբացաւ Վանայ լիճի Ախթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին:
July 1st, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ողջ ընթացքին բազմաթիւ օտար բռնատէրերու կողմէ ենթարկուելով զանազան հալածանքներու՝ գոյատեւելու ուժեղ բնազդ ձեռք բերած է: Վտանգներէ խուսափելու համար, հայերը սորված են հաւատարիմ մնալ զիրենք իշխող երկիրներուն, եւ նոյնիսկ դառնալ անոնց կամակատարը:
June 24th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Պահպանողական դատաւորներու հակակշռին տակ մնացող Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը Երկուշաբթի, Յունիս 21ին, 3ի դէմ 6 քուէներով որոշեց անփոփոխ պահել վերջին տասնամեակին ամերիկացիներու իրաւունքները սահմանափակած «հակաահաբեկչական» օրէնքներու այն կէտը, որ ապօրինի կը նկատէ նոյնիսկ տագնապներու խաղաղ լուծում գտնելու նպատակով տրուած որեւէ խորհուրդ, եթէ զայն ստացողը Ամերիկայի կողմէ «ահաբեկի»չ կը նկատուի:
June 21st, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Մերձաւոր Արեւելքին մէջ Թուրքիոյ աճող ազդեցութիւնը, նոյնիսկ մինչեւ Կազայի շուրջ Իսրայէլի հետ ծովային առճակատումը, որոշ արաբական երկրներու ստիպած էր սահմանափակել տեղի հայ համայնքներու քաղաքական իրաւունքները:
June 17th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Անցեալ շաբաթ համայն աշխարհը ականատես եղաւ թուրք ղեկավարի կողմէ այնպիսի հրաշալի դերակատարումի մը, որ նոյնիսկ հոլիվուտեան ամենափորձառու աստղերու նախանձը կրնար շարժել:
June 10th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Չբաւարարուելով տարածաշրջանին տիրապետելու իր նոր օսմանեան քաղաքականութեամբ, Թուրքիան որոշած է ընդլայնել իր ազդեցութեան ծիրը դէպի շատ աւելի հեռուները՝ երկրագունդի չորս կողմերը:
June 3rd, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Ծերակոյտը Պէտք Է Հանգամանօրէն Քննարկէ Պրայզայի Թեկնածութիւնը՝ Նախքան Զայն Պաքուի Մօտ Իբրեւ Դեսպան Հաստատելը
June 1st, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ (ԵԽԽՎ) Մեւլութ Չաւուշօղլուն անցեալ շաբաթ Երեւան կատարած իր այցի ժամանակ վիրաւորեց հիւրընկալողնեը՝ հրաժարուելով ծաղկեպսակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին:
May 20th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Դոկտ. Թաներ Աքչամ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին թուրք գիտնականներէն է, անցեալ շաբաթ երկու կարեւոր ելոյթներ ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Պատմական ուսումնասիրութեանց հիման վրայ, ան վերլուծեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման հիմքերը եւ լուծումներ առաջարկեց՝ անոր պաշտօնական ճանաչման համար:
May 13th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ երիտասարդ եւ անփորձ դեսպան Հաքան Թեքին շատ կը փորձէ բարենիշ շահիլ Անգարայի իր վարպետներէն՝ հակառակելով ամերիկեան մամուլին մէջ հայերուն մասին լոյս տեսած որեւէ նշումի։ Անցեալ շաբաթ ան իր սահմանը անցաւ, երբ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ին ուղղեց յարձակողական նամակ մը։
May 6th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Հայ-թրքական հարցերուն մէջ երկու զարգացումներ մելանի հոսքի պատճառ դարձան անցեալ շաբաթ։ Անոնցմէ ոչ մէկը այդքան նշանակալից էր, բայց անոնք կարեւորութիւն ստացան, երբ արժանացան միջազգային ուշադրութեան։
April 29th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Հայ Դատի ֆրանսական գրասենեակին եւ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ «Հայաստան-Թուրքիա. ի՞նչպէս բնականացնել յարաբերութիւնները» նիւթով միջազգային նշանակալից խորհրդաժողով մը կազմակերպուեցաւ Փարիզի մէջ, 14 Ապրիլին։
April 22nd, 2010
| Posted in Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Կրնան շատեր զարմանալ, երբ իմանան, թէ ես երբեք չէի այցելած Արցախ (Ղարաբաղ) նախքան անցեալ շաբաթ։
April 8th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Վերջին շաբաթներուն թրքական կառավարութիւնը յաջորդական կերպով վատ լուրեր կը ստանայ։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու անոր յարատեւ քաղաքականութիւնը լուրջ վնասներ կրեց, երբ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբը, Շուէտի խորհրդարանը եւ Սպանիոյ մէջ Քաթալոնիոյ Շրջանային խորհրդարանը որդեգրեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծեր։
April 1st, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Ամէն օր հազարաւոր յօդուածներ կը հրատարակուին համացանցին վրայ, բայց միայն քիչերն են, որոնք մեզ ցգայացունց կ՛ընեն:
March 25th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Հանրածանօթ իրականութիւն մըն է, որ թուրք ղեկավարները բացառիկ դիւանագէտներ են
March 18th, 2010
| Posted in Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Արդէն բաւարար չէր, որ նախագահ Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ձախողեցան յարգել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնները վերահաստատելու իրենց նախընտրական խոստումները, անցեալ շաբաթ անոնք աստիճան մը եւս ստորնացան երբ՝ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ օրինագիծին վաւերացումէն ետք, Քլինթըն յայտարարեց, թէ ինք եւ նախագահը դէմ են Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին վաւերացման։
March 11th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Թուրքերը միայն իրենք զիրենք պէտք է մեղադրեն 28 Փետրուարին «Սի.Պի.Էս.»էն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բացայայտիչ ծրագիրի մը սփռումին համար։
Եթէ թրքական կառավարութեան մնայուն ուրացումներն ու խեղաթիւրումները չըլլային, Հայկական Ցեղասպանութիւնը մոռցուած պատահար մը պիտի չըլլար աշխարհի պատմութեան մէջ։
March 4th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Հայաշխարհ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Սոյն յօդուածին վերնագիրը, որ առնուած է Ուոլթըր Սքաթի «Մարմիոն» կոչուած դիւցազներգական բանաստեղծութենէն, յարմարագոյն ձեւով կը նկարագրէ այն խաբէութիւնը, զոր Թուրքիոյ ղեկավարները կը հիւսեն՝ փորձելով ստեղծել Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնը բնականացնելու փափաքը ունենալու կեղծ տպաւորութիւնը:
February 11th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Վերջին ամիսներուն, մինչ տաք բանավէճ կ՛ընթանար Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններուն շուրջ, Սփիւռքի հայերը հակազդեցին յուսախաբութեամբ եւ զայրոյթով՝ հայկական ազգային շահերուն այդ համաձայնութիւններուն պատճառելիք վնասին։
February 4th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Վերջապէս ներկայացումը վերջ գտաւ…։ Միջազգային համայնքը այլեւս չի համոզուիր արձանագրութիւնները չվաւերացնելու Թուրքիոյ անվերջանալի պատրու
January 28th, 2010
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Արտասահմանի պուլկարացիներու գործակալութեան պատասխանատու՝ Պուլկարիոյ նախարար Պոճիտար Տիմիթրով մեղուներու փեթակը խառնեց նոր տարուան սկիզբը, սպառնալով արգիլել Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը, եթէ Թուրքիա չհամաձայնի վճարել միլիառաւոր տոլարի գումարներ՝ իբրեւ հատուցում այն պուլկարացիներուն, որոնք բռնի կերպով տեղահանուած էին Օսմանեան ժամանակաշրջանին
January 14th, 2010
| Posted in Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սասունեանի Անկիւնը | Read More »