Asbarez News - Armenian Edition » Սասունեանի Անկիւնը

Հայերը Առաւել Վճռականութեամբ Եւ Նուիրուածութեամբ Պէտք Է Հետապնդեն Իրենց Հարցը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այս շաբթուան յօդուածը նուիրուած է այդ որոշ հայերու պարտուողական մօտեցումին, որոնց բացասական հայեացքները անգամ մը եւս արտացոլացին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրինագիծին վերաբերող վերջին նորութիւններով:

Որոշ մարդկանց մօտ կայ այն կարծրացած համոզումը, որ հայերու կողմէ որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է պարտութեան: Քանի մը տարի առաջ, որոշ ընթերցողներ խորհուրդ տուին ինծի, որ չխնդրեմ գործէ ազատել «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Մարք Արաքսի յօդուածը գրաքննութեան ենթարկելուն համար: Մէկ այլ դէպքով մը, ինծի խորհուրդ տուին չպահանջել, որ «Թայմզ» շաբաթաթերթը ներողութիւն խնդրէ ու փոխհատուցում կատարէ՝ թուրքերու կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը ժխտող տեսահոլովակ մը տարածելուն համար: Ես անտեսեցի պարտուողական առաջարկները, թէ՝ այդպիսի հզօր հրատարակչութիւններու դէմ դուրս գալը անօգուտ է եւ նոյնիսկ՝ ինքնավնաս: Ատիկա դիւրին պայքար չէր, սակայն ես ուրախութեամբ կրնամ յայտնել, թէ երկու նախաձեռնութիւններուն ալ պարագային, հայ հասարակական գործիչները յաղթանակած դուրս եկան:

Յատկանշական է այն, որ այդպիսի անտարբեր մարդիկ ոչ միայն չաջակցեցան կամ որեւէ ձեւով քաջալեր չհանդիսացան այդ գործիչներուն, այլ ամէն ինչ ըրին՝ տարհամոզելու համար այն մարդիկը, որոնք կը պաշտպանէին համայնքին շահերը: Հետաքրքրականօրէն, անոնք, որոնք նստած են ծալլուած ձեռքերով, սովորաբար այն մարդիկն են, որոնք ամէնէն աւելի կը բողոքեն ընդհանուրի դատին ծառայող մարդկանց դէմ:

Պատկերացուցէ՛ք, եթէ քսան տարի առաջ հայ ազատամարտիկներու փոքր խումբը ականջ դնէր այդպիսի թերահաւատներու եւ որոշէր, թէ անհնարին է Արցախի ազատագրումը ատրպէյճանցիներէն եւ սովետական բռնագրաւող զօրքերէն: Արդեօք ես այսօր այստեղ կ՛ըլլայի՞, եթէ իմ նախնիները՝ Օսմանեան կայսրութեան կեդրոնական մասը գտնուող Զէյթունի քաջարի մարտիկները, չպայքարէին թրքական հզօր բանակներուն դէմ, յաղթանակ չտանէին աւելի քան քառասուն ճակատամարտերու եւ հարիւրաւոր բախումներու ընթացքին՝ իրենց անվտանգութիւնն ու ինքնավարութիւնը պահպանելու համար:

Վերադառնալով ներկայի ժամանակներուն՝ որքա՜ն յաճախ կը լսենք անտեղեակ, սակայն «ամենագէտ» հայերէ, որ ԱՄՆ Քոնկրեսը երբե՛ք պիտի չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, երբ իրականութեան մէջ անիկա ճանչցուած է 1975 եւ 1984 թուականներուն: Կամ քանի՜ անգամներ այդ բախտագուշակները կեղծ մարգարէութիւններ կատարած են ըսելով, որ ԱՄՆի ոչ մէկ նախագահ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ Թուրքիան չափազանց կարեւոր երկիր է, չիմանալով, որ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն ճանչցաւ զայն 1981ի Ապրիլ 22ի իր նախագահական հռչակագիրով:

Այս նոյն հայերը համոզուած էին, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը պիտի չընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, եւ ըստ անոնց՝ կա՛մ վերջին վայրկեանին անիկա կը տապալուի, կա՛մ ալ նախագահ Սարքոզի խաղ կը խաղար հայերուն հետ՝ փորձելով շահիլ անոնց ձայները գալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Մինչդեռ խորհրդարանը հաստատեց այդ օրինագիծը ձայներու գերակշռող մեծամասնութեամբ: Երբ նոյն օրինագիծը 2012ի Յունուար 23ին ուղղուեցաւ Ծերակոյտ, յոռետեսները անգամ մը եւս մեծ ինքնավստահութեամբ կանխատեսեցին, թէ անոր ընդունումը պիտի արգելափակուի որեւէ անակնկալ իրադարձութեամբ մը: Օրինագիծը ընդունուեցաւ ձայներու 127 կողմ, 86 դէմ համեմատութեամբ:

Անցեալ շաբաթ, երբ Ֆրանսայի որոշ օրէնսդիրներ, Թուրքիոյ դեսպանին միջամտութեամբ բողոքարկեցին օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին մօտ, որոշ հայեր ինկան խոր յուսահատութեան մէջ: Անոնք պնդեցին, թէ այդ մէկը հայերուն դէմ ուղղուած դաւադրութիւն էր՝ յայտարարելով, որ իրենք առաջին իսկ օրէն գիտէին, որ այդ նախաձեռնութիւնը պիտի մատնուի պարտութեան: Այս մարդիկ չեն հասկանար, որ բողոքարկումը չի նշանակեր օրինագիծի անպայման տապալում: Իրականութեան մէջ, եթէ խորհուրդը վճռէ, թէ օրինագիծը սահմանադրական է, ապա անոնք, որոնք պիտի ձերբակալուին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար, չեն կրնար այլեւս բողոքարկել այդ նոր օրէնքը:

Եթէ նոյնիսկ Սահմանադրական խորհուրդը մերժէ օրինագիծը, ատիկա աշխարհին վերջը չ՛ըլլար, քանի որ նախագահ Սարքոզի խոստացած է փոփոխութեան ենթարկել եւ նորէն ներկայացնել զայն երկու Օրէնսդրական տուներուն: Այնուամենայնիւ, Հայկական հարցին համար պայքարիլը պայմանաւորուած չէ որեւէ յատուկ օրինագծով: Հայերը շատ աւելի մեծ պահանջներ ունին Թուրքիայէն՝ միջազգային իրաւունքներու շրջանակէն ներս:

Ուստի, հայերը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ օրինագիծի բողոքարկման համար ողբալու փոխարէն, պէտք է պահանջեն, որ դատարանի որոշ անդամներ ինքնաբացարկ յայտարարեն, նկատի ունենալով թրքական հետազօտական կեդրոններու հետ անոնց ունեցած ապօրինի յարաբերութիւնները կամ անոնց կանխակալ յայտարարութիւնները:

Ուշագրաւ է, որ Ֆրանսայի ծերակուտականներէն վեցը, որոնք ներկայացուցին հայցը, ներկայիս Ատրպէյճան կը գտնուին՝ պետութեան հրաւէրով, կը համտեսեն կասպիցծովեան ձկնկիթը, ինչպէս նաեւ կ՛ըմբոշխնեն ատրպեճանական այլ «անուշեղէններ»:

Որեւէ օրինագիծէ աւելի կարեւորը՝ հայերուն վճռականութիւնն է՝ իրենց արդար Դատին համար պայքարը շարունակելու՝ չենթարկուելով որեւէ արգելքի կամ խոչընդոտի: Հազարամեակներ շարունակ գտնուելով օտարերկրեայ տիրապետութեան տակ ու ենթարկուելով թալանի, կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան՝ հայերը չեն կրնար յանձնուիլ կամ նահանջել ձախողութեան առաջին իսկ ազդանշանէն:

Հայերը կրնան յառաջդիմել միայն, երբ ձերբազատուին իրենց պարտուողական եւ ստրկամիտ մտածելակերպէն, զոր ժառանգած են Օսմանեան Թուրքիոյ կեղեքիչ լուծին տակ ապրած ժամանակներէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ֆրանսան Պէտք Չէ Թոյլ Տայ, Որ Թուրքիան Միջամտէ Իր Ներքին Գործերուն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գրեթէ մէկ դար Թուրքիոյ ղեկավարները փորձած են թաքցնել Հայոց Ցեղասպանութեան հրէշաւոր յանցանքը՝ քօղարկելով այն, ինչ իրականութեան մէջ կատարուած էր սուրիական անապատի մահուան դաշտերուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան օրօք: Թուրքիոյ հզօր պետութիւնը իր զգալի ֆինանսական եւ դիւանագիտական աղբիւրները ուղղած է Ցեղասպանութեան ժխտման այդ ստոր գործին:

Թուրքիոյ ղեկավարները կարծէք չեն գիտակցիր, թէ ժխտելով ու ստելով, ինչպէս նաեւ իրենց անմեղութեան մասին սին յայտարարութիւններ ընելով՝ իրականութեան մէջ կ՛օգնեն տարածելու իրենց անարգ արարքը համաշխարհային թերահաւատ լսարանին առջեւ:

Աւելի՛ն, թէեւ այսօրուան թուրք պաշտօնատարները 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը իրագործողները չեն, այնուամենայնիւ, անոնք յիմարաբար իրենք զիրենք կը կապեն իրենց յանցագործ նախնիներուն հետ, եւ այդ մասին ստելով ու ապացոյցները թաքցնելով՝ կը դառնան յանցագործութեան մեղսակիցներ:

Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ, Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը ա՛լ աւելի կը խրուի ի՛ր իսկ սարքած ճահիճին մէջ: Եկէ՛ք աւելի մօտիկ հայեացք նետենք Թուրքիոյ ստոր վարքագիծին՝ Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ:

Աւելի քան տասը տարի առաջ, երբ Ֆրանսայի Օրէնսդիր մարմինը կ՛ընդունէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, հակառակ իրեն բնորոշ բոլոր հնարքներուն, չյաջողեցաւ խանգարել այդ գործընթացը: Խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ ետք, նախագահ Ժագ Շիրակ եւ վարչապետ Լիոնել Ժոսփանը 2001ի Յունուար 29ին ստորագրեցին հետեւեալ օրէնքը. «Ֆրանսան հրապարակայնօրէն կը ճանչնայ 1915 թուականին իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

Թէեւ2001ի օրէնքին մէջ ոչ մէկ նշում կար Թուրքիոյ կամ Օսմանեան կայսրութեան մասին՝ որպէս Ցեղասպանութեան յանցագործ, թուրք պաշտօնատարները իրենց անմեղութեան մասին ուռճացած յայտարարութիւններ կատարելով՝ բացայայտեցին իրենց «Գող՝ սիրտը դող» մտայնութիւնը, այդպիսով ներկայանալով իբրեւ մեղսագործ հրէշագործ յանցագործութեան:

Թուրք պետութիւնը անգամ մը եւս միջամուխ եղաւ Ֆրանսայի ներքին գործերուն 2006 թուականին, երբ Փարիզի մէջ օրէնսդիրները փորձեցին պատիժ նախատեսել 2001ին ընդունուած օրէնքը խախտողներուն համար՝ կիրառելով նոյն պատիժը, զոր կը գործէ Ողջակիզումը (Հոլոքոսթը) մերժողներու պարագային: Ցաւօք, Ֆրանսայի կառավարութիւնը տեղի տուաւ թրքական սպառնալիքներուն եւ կանխարգիլեց այդ օրինագիծը, մինչեւ որ Ծերակոյտը ի վերջոյ հաստատեց զայն 2012ի Յունուար 23ին:

Այժմ ֆրանսական հասարակութիւնը կանգնած է օտար պետութեան մը կողմէ իր ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու մէկ նոր ակներեւ փորձի մը առաջ: Թուրքիոյ Առեւտուրի գրասենեակներու եւ սակարաններու միութիւնը անցած շաբաթ վարձեց ֆրանսական լոպիիստական ընկերութիւն մը, որ ճնշում գործադրէ օրէնսդիրներու վրայ, որպէսզի վերջիններս վիճարկեն ֆրանսական օրէնսդրութեամբ ճանչցուած ցեղասպանութիւններուն՝ Ողջակիզման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան, հերքումը քրէականացնող օրէնքը: Ուրեմն՝ այսքա՛ն է թրքական սպառնալիքը ֆրանսական ընկերութիւնները պոյքոթի ենթարկելու համար…

Նախագահ Սարքոզի 15 օր առիթ ունէր՝ սկսած Յունուար 23էն՝ որ հաստատէր նոր օրէնքը, եթէ Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի 60 կամ աւելի անդամներ դէմ չկանգնէին՝ դիմելով Սահմանադրական խորհուրդ, նշեալ օրէնքի սահմանադրականութեան մասին որոշում կայացնելու հայցով: Թուրքիոյ դեսպանը, խախտելով օտարերկրեայ դիւանագէտի մը՝ Ֆրանսայի ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու լիազօրութիւնը, նաեւ ճնշում գործադրելով եւ «վարձատրութիւններ» բաշխելով՝ զբաղուեցաւ անհրաժեշտ 60 ստորագրութիւնները ապահովելու գործով:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնայ լուրջ սխալ մը արտօնել՝ ենթադրելով, որ խորհուրդը անպայմանօրէն նոր օրէնքը հակասահմանադրական պիտի ճանչնայ: Թուրք պաշտօնատարները կրնան վնաս հասցնել իրենց սեփական շահերուն, եթէ խորհուրդը սահմանադրական ճանչնայ օրէնքը՝ այդպիսով կանխարգիլելով յետագայ իրաւական վիճարկումները թուրք ժխտողներու կողմէ, որոնք պիտի ձերբակալուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար, երբ օրէնքը ուժի մէջ մտնէ:

Վերջին օրերուն Թուրքիոյ ղեկավարները չափազանց զաւեշտալի յայտարարութիւններ կատարեցին նոր օրէնքին վերաբերեալ: Վարչապետ Էրտողան մեղադրեց Ֆրանսան «ֆաշիզմի հետքերով ընթանալ»ուն համար: Ինչպէ՞ս պետութեան մը ղեկավարը, որ Մարդու իրաւունքներու ամենամեծ ոտնահարողն է, կրնայ համարձակիլ մեղադրել Ֆրանսան ֆաշիզմով: Նախագահ Կիւլ միացաւ այդ ամբաստանութիւններուն՝ մեղադրելով Ֆրանսան «խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելուն համար»: Արդեօ՞ք Թուրքիոյ նախագահը երբեւէ այցելած է իր երկրին բանտերը, ուր տասնեակ լրագրողներ ամիսներ շարունակ կը պահուին առանց դատավարութեան, պարզապէս կառավարութիւնը քննադատող որեւէ հասարակ յօդուած մը գրելնուն համար: Արդեօ՞ք ան կարդացած է Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը՝ Թրքութիւնը վիրաւորելու մասին, որ կ՛արգիլէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն: Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու կրնայ իրաւացի ըլլալ, երբ կը բողոքէ, թէ ֆրանսական օրէնքը կը փորձէ «նացիստացնել Թուրքիան», սակայն, այդ մէկը կը կատարուի ո՛չ թէ Ֆրանսայի, այլ ի՛ր սեփական կառավարութեան կողմէ, որ կը շարունակէ ինքզինք մասնակից դարձնել փլուզուած Օսմանեան կայսրութեան յանցագործութիւններուն:

Այնուամենայնիւ, ամենածիծաղելի յայտարարութիւնը ըրած է Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ, Զուիցերիա կատարած իր վերջին այցին ընթացքին: Ան յորդորած է Զուիցերիոյ իշխանութիւնները ձերբակալել զինք, որովհետեւ Զուիցերիան, Ֆրանսայի նման, ունի Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք: Նախարար Պաղըշ, դժբախտաբար, չի կրնար ձերբակալուիլ կամ դատական կարգով հետապնդուել՝ իր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան շնորհիւ: Այնուամենայնիւ, ան պէտք է արտաքսուէր Զուիցերիայէն, իբրեւ անցանկալի (persona non granta) անձ:

20 Քայլ, Որոնցմով Թուրքիան Կրնայ Աւելիով Վատթարացնել Յարաբերութիւնները Ֆրանսայի Հետ՝ Ցեղասպանութեան Հերքման Մասին Քուէարկութենէն Ետք
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ ղեկավարները ամիսներ շարունակ կը սպառնային Ֆրանսայի հետ հաշուեյարդար տեսնել, եթէ Ֆրանսայի կառավարութիւնը ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:

Արհամարհելով Թուրքիոյ սպառնալիքները՝ Ֆրանսայի խորհրդարանը 2011 թուականի Դեկտեմբեր 22ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ծերակոյտը շարունակեց այդ գործընթացը 2012 թուականի Յունուար 23ին, եւ 7 ժամ տեւած քննարկման իբրեւ արդիւնք՝ ընդունեց օրինագիծը 127 կողմ եւ 86 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Նոր օրէնքը, զոր շուտով պէտք է ստորագրէ նախագահ Սարքոզի, կը նախատեսէ մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 60,000 տոլարի համազօր տուգանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն համար: Ֆրանսայի բոլոր ծերակուտականները, նոյնիսկ անոնք, որոնք դէմ էին օրինագիծին, նշեցին, թէ ոչ մէկ կասկած ունէին Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ:

Հասած է ճշմարտութեան ժամը: Հետաքրքրական է, թէ արդեօք Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի ունենա՞ն խիզախութիւնը իրենց ամպագորգոռ յայտարարութիւնները իրականացնելու: Կը փափաքինք անոնց երկու հարց ուղղել.

1) Դուք միայն խօսողնե՞ր էք եւ ոչ գործողներ, կամ, ինչպէս կ՛ըսուի՝ հաջան շունը կծան չ՛ըլլար:

2) Արդեօք կարճաժամկէտ միջոցներու կը ձեռնարկէք պարզապէս ձեր դէ՞մքը փրկելու համար, թէ աւելի վճռական քայլերու պիտի դիմէք:

Ի տարբերութիւն մէկ ամիս առաջուան, Թուրքիոյ հասարակութիւնը այլեւս պիտի չբաւարարուի դեսպանին յետկանչովը՝ ապա ընդամէնը երկու շաբաթ ետք դարձեալ ուղարկուելու համար: Թուրքերը նաեւ կրնան շատ տպաւորուած չըլլալ վարչապետ Էրտողանի այն յայտարարութեամբ, թէ ալ բնաւ պիտի չայցելէ Փարիզ:

Մինչ թուրք պաշտօնատարները կը սթափին Ֆրանսայի քուէարկութեան հարուածէն, կը փափաքինք քանի մը նշումներ ընել այն մասին, թէ ինչպէ՛ս թուրքերը կրնան առաւել վատթարացնել արդէն իսկ վատ իրավիճակը: Կատաղութենէն Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնայ ձեռնարկել հակադարձ քայլերու, ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ բոլոր այն երկիրներուն դէմ, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նման ծայրայեղ, անտրամաբանական եւ ինքնավնաս գործունէութիւններ կրնան միայն նպաստել Թուրքիոյ մեկուսացման եւ վնասել անոր սեփական շահերը: Ստորեւ՝ կարգ մը առաջարկներ, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիան կրնայ հաշիւները մաքրել Ֆրանսայի եւ հնարաւոր այլ հակառակորդներու հետ.

1) Յետ կանչել Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը եւ զայն դարձեալ չուղարկել, մինչեւ որ Ֆրանսան չեղեալ յայտարարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու նոր ընդունուած օրինագիծը.

2) Վտարել Ֆրանսայի դեսպանը Թուրքիայէն եւ փակել ֆրանսական դեսպանատունը.

3) Խզել տնտեսական, ռազմական, մշակութային եւ քաղաքական բոլոր յարաբերութիւնները Ֆրանսայի հետ.

4) Հաւաքել ֆրանսական բոլոր արտադրութիւնները, ինպիսին են տուրմերն ու գինիները, Թուրքիոյ բոլոր խանութներէն եւ զանոնք նետել աղբը, ինչպէս նաեւ արգիլել «Ֆրենչ Ֆրայզ»ը եւ «Ֆրանսական համբոյր»ը…

5) Չեղեալ յայտարարել թրքական թռիչքներուն չուերթը դէպի ֆրանսական քաղաքներ, եւ չարտօնել «Էյր Ֆրանս»ի օդանաւերուն մուտքը Թուրքիա: Կիրառել նմանատիպ սահմանափակումներ նաեւ ֆրանսական նաւերուն նկատմամբ.

6) Արգիլել թրքական դպրոցներու մէջ ֆրանսերէն լեզուի դասաւանդումը եւ փակել Թուրքիոյ մէջ գործող ֆրանսական անձնական դպրոցները.

7) Արգիլել ֆրանսական ելեկտրոնային բոլոր կայքերու օգտագործումը.

Դադրեցնել Եւրոպական Միութիւն (ԵՄ) անդամակցելու միտող Թուրքիոյ ջանքերը, որովհետեւ ԵՄի անդամ 26 պետութիւնները կրնան ընդունիլ նոյնանման օրինագիծեր՝ Ցեղասպանութիւնը հերքելու մասին.

9) Դուրս գալ Եւրոխորհուրդի կազմէն, քանի որ Եւրոպական խորհրդարանը 1987ին ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը.

10) Դուրս գալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն (ՄԱԿ), որովհետեւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովը 1985ին ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին զեկոյց մը.

11) Արգիլել Թուրքիոյ պաշտօնատարներուն Ֆրանսա այցելել.

12) Թուրքիայէն վտարել Ֆրանսայի բոլոր քաղաքացիները եւ պահանջել, որ թուրքերը անմիջապէս հեռանան Ֆրանսայի տարածքէն.

13) Չարտօնել ֆրանսացի զբօսաշրջիկներու եւ գործարարներու մուտքը Թուրքիա.

14) Փակել Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական ինքնաշարժներու գործարանները, ինչի հետեւանքով՝ հազարաւոր թուրք աշխատողներ գործազուրկ պիտի ըլլան.

15) Թուրքիոյ մէջ բոլոր ֆրանսական փողոցները վերանուանել ալճերական եւ հիւսիսային-քորէական անուններով.

16) Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ որոշում ընդունիլ՝ Ալճերիոյ «ցեղասպանութեան» համար Ֆրանսան մեղադրելու մասին.

17) Վտարել Թուրքիա աշխատող անօրէն բոլոր հայաստանցիները: Զրկել զանոնք սնունդէ եւ ջուրէ՝ Պոլիսէն դէպի Հայաստան, կամ, աւելի վատը՝ դէպի սուրիական անապատներ անոնց տեղահանութեան ընթացքին.

18) Ֆրանսական դրամատուներէն վերցնել Թուրքիոյ մասնաւոր եւ պետական բոլոր ֆինանսական միջոցները.

19) Սեւ ցանկի վրայ դնել Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական բոլոր գիրքերը, ֆիլմերը, թերթերը եւ պատկերասփիւռային ծրագիրները.

20) Ձերբակալել Ֆրանսայի քաղաքացիներ Թուրքիոյ մէջ՝ ի պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան հերքման համար Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած թուրքերուն:

Ֆրանսայի Ծերակոյտին որոշումը մէկ մասն է այն բարձր գինին, զոր Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը վճարէ՝ անցած 100 տարիներուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան մնայուն ուրացման եւ Օսմանեան նախնիներուն կողմէ իրականացուած դաժան յանցագործութիւններուն համար:

Քանի տակաւին Թուրքիան չէ ճանչցած իր մեղքը եւ չէ վերադարձուցած հայկական հողերն ու կալուածները Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն, պիտի շարունակէ դիմագրաւել այլ երկիրներու լուրջ մարտահրաւէրները եւ պիտի զրկուի քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիքին մէջ դասուելէ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Մինչ Ֆրանսան Կը Սեղմէ Օղակը, Թուրքիան Արտառոց Խօսքերով Եւ Գործերով Կը Հակազդէ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ ղեկավարները պարբերաբար կը յայտարարեն, թէ իրենք չեն վախնար իրենց երկրի անցեալին հետ առճակատուելէն: Սակայն, հազիւ թէ ոեւէ մէկը անոնց յիշեցնէ իրենց պատմութեան ամենամութ դրուագները, անոնք կը մատնուին խուճապի եւ հանդէս կու գան բուռն արձագանգներով:

Թուրք պաշտօնատարներուն արտասովոր վարքագիծի վերջին օրինակը անոնց արձագանգն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման ուղղուած Ֆրանսայի նախաձեռնութիւններուն: Հակառակ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն եւ հակադարձ քայլերուն, 2011ի Դեկտեմբեր 22ին, Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց օրինագիծը, եւ կ՛ակնկալուի, որ Ծերակոյտը զայն հաստատէ 2012ի Յունուար 23ին:

Ստորեւ՝ Ֆրանսային եւ ֆրանսական ամէն ինչին ուղղուած՝ Թուրքիոյ արտառոց հակազդեցութիւններէն քանի մը օրինակ.

- Վարչապետ Էրտողանը մեղադրեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հայրը՝ Ալճերիոյ մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասնակցելու համար, երբ վերջինս կը ծառայէր ֆրանսական բանակին մէջ: Սարքոզիի հայրը իր կարգին հակադարձեց՝ խորհուրդ տալով Էրտողանին կարդալ իր կենսագրութիւնը եւ ըսելով, թէ ինք երբե՛ք ոտք չէ դրած Ալճերիա:

- Իր երկրին կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը արդարացնելու համար, Էրտողան մեղադրեց Ֆրանսան Ալճերիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» իրականացնելու մէջ: Սակայն Էրտողան շշմեցաւ, երբ Ալճերիոյ վարչապետ Ահմետ Օյահիա յանդիմանեց զայն Ալճերիոյ ժողովուրդին արիւնը քաղաքական շահարկում նիւթ դարձնելուն համար: Օյահիա նաեւ մեղադրեց Թուրքիան անթիւ ալճերիացիներու մահուան կապակցութեամբ, երբ գաղութատիրութեան ժամանակաշրջանին ան Ֆրանսային զինամթերք կը մատակարարէր, ինչին համար ալ Թուրքիոյ նախկին նախագահ Օզալ ներողութիւն խնդրեց Ալճերիայէն:

- Անցեալ շաբաթ Անգարայի քաղաքապետը յայտարարեց, թէ Քաղաքային խորհուրդը որոշած է «Փարիզ» փողոցը վերանուանել «Ալճերիա» փողոց, իսկ «Շարլ Տըկոլ» փողոցը՝ ի պատիւ ալճերիացի ոեւէ հերոսի, ինչպէս նաեւ Անգարայի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ կանգնեցնել ալճերական «ջարդեր»ուն նուիրուած յուշարձան:

- Թրքական գործարանները ջերմեռանդութեամբ կ՛արտադրեն Սարքոզիի անունով զուգարանի թուղթ, աղբի տոպրակներ եւ մանուկներու շորիկներ, իսկ Ֆրանսայի պատգամաւոր Վալերի Պոյերի պատկերով՝ պահպանակներ. նաեւ թուրք «hաքըր»ներու (կայքահէններ) խումբ մը ներխուժեց Ֆրանսայի օրէնսդիրներու կայքերը եւ սպառնաց բռնաբարել տիկին Պոյերը ու սպաննել անոր երեխաները:

- Թուրք դասախօս Օյա Աքկոնենչ գրած է ծիծաղելի յօդուած մը՝ «Հայկական Իրադարձութիւնները՝ Հայաստան, Ֆրանսա Եւ Ամերիկա Եռանկիւնին Մէջ» խորագիրով: Ան մատնանշած է Թուրքիոյ դէմ երեք «վտանգաւոր յարձակողները», որոնց մականունները կը սկսին «Ս» տառով. «Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզին, Հայաստանի Սարգսեանը եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպիի ղեկավար Սասունեանը»:

- Թէեւ Թուրքիան կոչ ըրած էր պոյքոթի մատնելու ֆրանսական ապրանքներն ու ծառայութիւնները, Թուրքիայէն դէպի Փարիզ թռիչքներու տոմսերը ամբողջութեամբ վաճառուած էին, քանի որ արձակուրդներուն ընթացքին Ֆրանսա այցելող թուրքերուն թիւը անցեալ տարուան համեմատ աճած է 10 տոկոսով: Նոյնպէս, 2001ին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք, այս երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի մարզին մէջ արձանագրուեցաւ 30 տոկոսի աճ, հակառակ Թուրքիոյ կողմէ Ֆրանսայի դէմ հռչակուած պոյքոթին:

- Ֆրանսա-ալճերացի գործարար Ռաշիտ Նեքազ, որ Թուրքիա կատարած իր վերջին այցելութեան ժամանակ հպարտութեամբ յայտարարած էր՝ «Ես զիս որպէս թուրք կը զգամ», յայտնեց, թէ կը ստեղծէ մէկ միլիոն եուրոյի չափով (1.3 միլիոն տոլար) հիմնադրամ մը՝ վճարելու համար Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումի մեղադրանքով ձերբակալուած իւրաքանչիւր թուրքի 45,000 եուրոյի տուգանքը: Պարոն Նեքազի մոռցաւ տեղեկացնել թուրք մերժողականները, թէ Ֆրանսայի այդ նոյն օրէնքը կը նախատեսէ մէկ տարուան բանտարկութիւն, զոր իր հիմնադրամը չի կրնար կանխել:

- Թրքական լրատուական գործակալութեան ղեկավարը կոչ ըրաւ փակելու Թուրքիոյ մէջ ֆրանսական դպրոցները եւ արգիլելու ֆրանսերէնի դասաւանդութիւնը՝ թրքական դպրոցներէն ներս:

Նման անհեթեթ յայտարարութիւններուն թիւը պիտի բազմապատկուի շուտով, երբ Ֆրանսայի Ծերակոյտը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող բանաձեւը եւ նախագահ Սարքոզին իր ստորագրութեամբ օրէնքի ուժ տայ անոր, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ֆրանսայի երկու մեծագոյն կուսակցութիւնները յայտնած են իրենց սատարումը հայկական բանաձեւին: Պատկերացուցէք թուրք ղեկավարներուն պոռթկումները, երբ Ֆրանսայի մէջ թուրքեր ձերբակալուին՝ Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքը խախտելու պատճառով:

Թրքական ըմբոստութիւնները իրենց գագաթնակէտին պիտի հասնին, երբ Ֆրանսայի կառավարութիւնը Եւրոպական Միութեան միւս 25 պետութիւններուն առաջարկէ ընդունիլ հերքումը արգիլող նման օրէնք մը, ըստ որուն՝ թուրք մերժողականները պիտի ձերբակալուին եւ պատժուին ամբողջ Եւրոպայի տարածքին:

Թուրք ղեկավարները իրենց անձերէն բացի ոչ ոք պէտք է մեղադրեն այսպիսի ամօթալի եւ ստորացուցիչ դրութեան մը մէջ յայտնուելու համար: Աւելին, Թուրքիան այն երկիրը չէ, որ կրնայ դասեր տալ ուրիշին՝ խօսքի ազատութեան մասին, նկատի ունենալով իր այն կեղեքիչ օրէնքները, որոնք կ՛ոտնահարեն Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մարդկային հիմնական իրաւունքները: Ֆրանսայի մէջ անօրինական է Ցեղասպանութեան մասին ստելը, մինչ Թուրքիոյ մէջ անօրինական է ճշմարտութիւնն ըսելը:

Ֆրանսայի Ծերակոյտը կամ այն երեք մարդիկը, «որոնց մականունները կը սկսին «Ս» տառով», մեղադրելու փոխարէն՝ թուրք ղեկավարները կրնան դուրս գալ իրենց դարաւոր ճահիճէն՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցելով զոհերու ժառանգորդներուն արդարացի իրաւունքները:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ատրպէյճան Եւ Օպամա Ձախողութեան Մատնուեցան՝ Դեսպան Պրայզայի Առաքելութեան Կիսատ Մնալով
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Օպամայի վարչակարգին իրերայաջորդ քաղաքական սայթաքումներուն հետեւանքով, Մեթիու Պրայզա ստիպուած եղաւ անցած շաբաթ լքել Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի իր պաշտօնը:

Նախագահ Օպամա անտեսեց 2010ի Մայիսին Ատրպէյճանի մօտ դեսպանի պաշտօնին համար իր կողմէ առաջադրուած թեկնածուի լուրջ թերութիւններուն մասին բազմաթիւ զգուշացումները: Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամները Պրայզան կը մեղադրէին ատրպեճանամէտ դիրքորոշում եւ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ կասկածելի կապեր ունենալու համար: Ծերակուտականները անհանգստացած էին այն լուրերէն, ըստ որոնց՝ օտարերկրեայ որոշ պաշտօնեաներ շռայլ նուէրներ տուած էին Պրայզային, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած անոր հարսանիքին ընթացքին, որուն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը կը մասնակցէր իբրեւ խաչեղբայր: Բացի անկէ, դեսպանի թեկնածուին՝ ազգութեամբ թուրք կինը՝ Զէյնօ Պարան, կը մեղադրուէր Ուաշինկթընի հետազօտական կեդրոնէն ներս Կասպից ծովու ուժանիւթային հարցերուն ուղղութեամբ աշխատած ընթացքին՝ շահերու բախում ունենալուն մէջ: Պարան նաեւ զայրացուցած էր Ամերիկայի հայկական համայնքը՝ Ծերակոյտի ենթայանձնաժողովի նիստին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վկայութիւն տալով:

Երբ նախագահ Օպամա այս մտահոգութիւնները լրջութեամբ չընկալեց, ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր (դեմ., Քալիֆորնիա) եւ Ռապըրթ Մենենտեզ (դեմ., Նիւ Ճըրսի) այլ ելք չունեցան՝ Պրայզայի թեկնածութիւնը առկախելէ բացի: Այդպիսով, անոնք խոչընդոտեցին Պրայզայի թեկնածութեան հաստատումը: Այնուհետեւ, Օպամա խորացուց իր սխալը, երբ 2010ի վերջաւորութեան Պրայզան, առանց Ծերակոյտի արտօնութեան, Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպան նշանակեց: Նախագահը ուշադրութիւն չէր դարձուցած այն հնարաւոր վնասին, որ կրնար հասնիլ ի՛ր իսկ հեղինակութեան, Միացեալ Նահանգներու վարկին եւ ԱՄՆ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն, եթէ Ծերակոյտը չհաստատէր Պրայզայի թեկնածութիւնը նշանակման տուեալ տարուան ընթացքին՝ ստիպելով զայն լքել իր պաշտօնը եւ վերադառնալ Ուաշինկթըն:

2011ի Դեկտեմբերին, երբ դեսպան Պրայզայի ժամանակաւոր նշանակման ժամկէտը աւարտին մօտեցած էր, Օպամայի վարչակարգի պաշտօնեաները սկսան ճնշում բանեցնելու ծերակուտականներ Պաքսըրի եւ Մենենտեզի վրայ, որպէսզի վերջիններս հաստատեն Պրայզայի թեկնածութիւնը եւ թոյլ տան անոր շարունակել իր ծառայութիւնը Ատրպէյճանի մէջ: Երկու ծերակուտականները անդրդուելի մնացին Պրայզայի հարցով, թէեւ դեմոկրատ այս քաղաքական գործիչներուն համար դժուար էր մերժել Միացեալ Նահանգներու նախագահին խնդրանքը, մանաւանդ, երբ վերջինս կը համարուի նաեւ իրենց կուսակցութեան առաջնորդը:

Ծերակուտականներուն վրայ ճնշում գործադրեցին նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւ անոր լոպիիստական հզօր կազմակերպութիւնները, որոնք սկսան աշխուժօրէն աշխատիլ, որպէսզի արդարացնեն իրենց վրայ ծախսուող հսկայական գումարները: Յատուկ կապերու շնորհիւ, անոնք կրցան ձեռք ձգել այն, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ը եւ «Ուաշինկթըն Փոս»չը խմբագրականներ տպագրեն ընդդէմ ծերակուտականներուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որ կը գլխաւորէր ոչ-ատակ այս դեսպանին դէմ քարոզարշաւը:

Զարմանալի չէր, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ը շռայլ գտնուեցաւ Պրայզան գովելու հարցին մէջ՝ զայն բնորոշելով իբրեւ «արտաքին ծառայութեան յարգանք վայելող յաջողակ պաշտօնեայ», եւ մեղադրելով ծերակուտականները՝ «ամերիկահայ լոպիի գերին» ըլլալու մէջ:

«Ուաշինկթըն Փոս»չը աւելի՛ վիրաւորական ձեւով արտայայտուեցաւ: Թերթին խմբագրականը կարելի է բնորոշել իբրեւ բացայայտօրէն ցեղապաշտական եւ հակահայկական յօդուած: Հակառակ «ԱՄՆի ազգային շահերը» պաշտպանելու իր կոչին, թերթը պարզապէս փորձեց սատարել թեկնածութեանը կասկածելի հաւատարմագիրներ ունեցող այդ դեսպանին, որ աւելի շատ կը վնասէր, քան կը նպաստէր Ամերիկայի շահերուն:

«Ուաշինկթըն Փոս»չը աւարտած էր իր ամօթալի խմբագրականը՝ «քարիւղէ զուրկ» եւ «մեկուսացուած» Հայաստանը մեղադրելով Պրայզայի հարցին մէջ պարտուող կողմը ըլլալուն համար: Կը յանդգնինք չհամաձայնիլ: Ասիկա Ամերիկայի խնդիրն է, եւ Հայաստանը ատոր մէջ որեւէ դեր չունի: Իրականութեան մէջ պարտուողները անոնք են, որոնք լոպիիստական երկար եւ տքնաջան գործունէութիւն ծաւալեցին՝ անատակ այդ դեսպանի թեկնածութեան հաստատման համար, որ մտադիր էր ծառայել աւելի շատ Ուաշինկթընի մօտ Պաքուի, քան Ատրպէյճանի մօտ Ամերիկայի շահերուն:

Իմ կարծիքով՝ իրական պարտուողներն են՝

1) Նախագահ Օպաման, որ ընտրած էր դեսպանի ոչ-ատակ թեկնածու մը եւ յամառօրէն կը փորձէր հասնիլ անոր թեկնածութեան հաստատման, երբ առաջին օրէն իսկ շատ պարզ էր, որ Պրայզան այդ պաշտօնին վրայ հաստատուելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունէր:

2) Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, որ չափազանց մեծ գումար վատնեց լոպիիստներու վրայ, որոնք երբե՛ք չկրցան լուծել իրենց առջեւ դրուած խնդիրը:

3) Ատրպեճանական եւ թրքական կազմակերպութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ Ատպեճանական-ամերիկեան խորհուրդը, Ամերիկայի ատրպեճանական ընկերութիւնը, Համա-թրքական հաստատութիւնը, Ամերիկայի ատրպէյճանցիներու ցանցը եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համագումարը, որոնք բազմաթիւ մամլոյ հաղորդագրութիւններ տարածեցին եւ հազարաւոր ելեկտրոնային նամակներ ուղարկեցին Ծերակոյտին… ամբողջութեամբ ապարդիւն: Պաշտպանելով Պրայզան՝ անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին, թէ վերջինս իրականութեան մէջ «իրենց մարդ»ն էր, այլ ոչ թէ՝ անաչառ դիւանագէտ:

4) «Ուոլ Սթրիթ Ճուրնըլ»ը եւ «Ուաշինկթըն Փոս»չը, որոնք դէմ ելան իրենց լրատուական սկզբունքներուն՝ «նաւթընկերներ»ը գոհացնելու համար:

5) ԱՄՆ նախկին 36 պաշտօնեաները, որոնք միացեալ նամակ մը ստորագրելով՝ հանդէս եկան Պրայզայի թեկնածութիւնը հաստատելու կոչով: Բացարձակապէս պատահական չէ, որ ստորագրողներուն մեծամասնութիւնը այսօր կապ ունի այնպիսի հետազօտական կեդրոններու եւ լոպիիստական կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը ֆինանսաւորուին Ատրպէյճանի կողմէ, կամ հետագային նման ֆինանսաւորումի մը ակնկալիքը ունին:

Այնուամենայնիւ՝ յստակ է, որ երկու յաղթող կայ.

1) Ամերիկայի հայկական համայնքը, որ հնչեղ եւ յստակ ուղերձ յղեց Պաքուին, Անգարային եւ Ուաշինկթընին՝ ներկայանալով իբրեւ քաղաքական այնպիսի հզօր ուժ, որուն հետ պէտք է հաշուի նստիլ:

2) Մեթիու Պրայզան եւ անոր կինը, որոնք այժմ գործելով որպէս Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ լոպիիստներ, կ՛ակնկալուի, որ կրնան միլիոններ վաստակիլ՝ օգտուելով Պաքուի եւ Անգարայի մէջ իրենց «բարձրաստիճան» կապերէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Հայկական Յաջողութիւնները Պաշարումի Մէջ Պահած Են Թուրքիան Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակէն Շատ Աւելի Առաջ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

2011ին Թուրքիոյ ղեկավարները թոյլ տուին լուրջ մարտավարական սխալի մը: Զանոնք այնքա՛ն մտահոգած

էր 2015 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գալիք «ցունամին», որ անտեսած էին աւելի անմիջական քաղաքական փոթորիկները:

Հայերը արագօրէն օգտուեցան Թուրքիոյ բացթողումէն՝ հասնելով շարք մը յաջողութիւններու.

1- Ֆրանսայի խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծ.

2- ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց բանաձեւ մը, որ կը պահանջէ Թուրքիայէն վերադարձնել հայկական եկեղեցիները եւ այլ կալուածներ իրենց օրինական տէրերուն.

3- Իսրայէլի Խորհրդարանական յանձնաժողովը հանրային քննարկումներ սկսաւ իրականացնել, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ.

4- ԱՄՆ Դաշնակցային դատարանը կրնայ շուտով հեռակայ վճիռ մը կայացնել՝ ընդդէմ Թուրքիոյ հանրապետութեան:

Հակազդելով Ֆրանսայի անդրդուելի նախագահին, որ չնահանջեց վիրաւորանքներու եւ սպառնալիքներու առջեւ՝ Թուրքիան սկսաւ կուրօրէն աջ ու ձախ հարուածել՝ աւելի խորացնելով իր խնդիրները եւ խոչընդոտելով իր թեկնածութիւնը Եւրոպական Միութեան: Փարիզէն յետ կանչելով իր դեսպանը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինքզինք զրկեց հմուտ դիւանագէտի մը ծառայութենէն, այնպիսի կարեւոր ժամանակահատուածի մը, երբ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը պատրաստուի ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը: Դատելով նախկին փորձէն՝ Թուրքիոյ դեսպանը շուտով պիտի վերադառնայ Փարիզ, եւ այդպիսով իր թատերական յետկանչը պիտի դարձնէ ապարդիւն գործելակերպ եւ պիտի արժանանայ դիւանագիտական համայնքի ծաղրանքին: Յետ կանչելով իր դեսպանը ամէն անգամ, երբ որեւէ երկիր ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ ընդունի Անգարայի ցանկութիւններուն հակառակ որոշում մը՝ Թուրքիան պարզապէս ինքզինք կը մեկուսացնէ արտաքին աշխարհէն:

Թուրքիան իր շահերուն ա՛լ աւելի վնաս հասցուց՝ սպառնալով պոյքոթի ենթարկել «ոչ բարեկամ» համարուող երկիրներէն ներածուած ապրանքները: Թուրքիան պարզապէս կը վնասէ իր սեփական տնտեսութեան՝ այլ աղբիւրներէ ցածրորակ ապրանքներ գնելով՝ աւելի բարձր գիներով: Աւելին, եթէ Թուրքիա դադրի գնելէ բարձր արհեստագիտական (տեխնոլոգիական) ապրանքներ, ինչպիսին են մարդատար օդանաւերն ու արդիական հրթիռները՝ զանոնք արտադրող այն սակաւաթիւ երկիրներէն, ապա Թուրքիան կ՛ունենայ միայն օդային փոխադրութեան հինցած համակարգ, ինչպէս նաեւ՝ ռազմական թոյլ ուժ: Այնուամենայնիւ, վերջին օրերուն Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը վախնալով՝ հրաժարեցաւ ֆրանսական ապրանքները պոյքոթի ենթարկելու իր ճոռոմ սպառնալիքներէն, երբ հասկցաւ, թէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութիւնը խիստ պատիժներ պիտի կիրառէ Թուրքիոյ դէմ, եթէ վերջինս խախտէ իր անդամակցութեան պայմանները:

Անդրադառնալով եկեղեցիները վերադարձնելու ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան ընդունած բանաձեւին՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ անոր լոպիիստական մեծածախս ընկերութիւնները ամբողջութեամբ անպատրաստ էին դիմակայելու նման զգայուն հարց մը: Անոնք մեծ փորձառութիւն ձեռք բերած են Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը տապալելու հարցով, սակայն ոչ մէկ գաղափար ունէին այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պայքարին այսպիսի օրինագիծի դէմ, որով կը պահանջուէր վերադարձնել եկեղեցիները եւ այլ կալուածներ իրենց համապատասխան քրիստոնէական համայնքներուն: Հետեւաբար, բանաձեւը ընդունուեցաւ ձայներու 43-1 յարաբերակցութեամբ, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին եւ բոլոր անդամներու աւելի քան երկու երրորդ ձայներով: Առաջին անգամ ԱՄՆ Քոնկրեսը պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը պահանջէ, որ Թուրքիան վերականգնէ Ցեղասպանութեան զոհերուն իրաւունքները, այլ ոչ թէ պարզապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը: Գալիք տարիներուն եւ ամիսներուն, հայերը միջազգային կազմակերպութիւններուն, բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն, ինչպէս նաեւ ինքնի՛ն Թուրքիոյ կառավարութեան պիտի ներկայացնեն իրենց պահանջներուն ամբողջական ցանկը:

Երրորդ դրական զարգացումը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, երբ Քնեսեթի Կրթութեան հարցերով յանձնաժողովը, աննախադէպօրէն՝ երեք ժամ տեւողութեամբ հանրային լսումներ ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, հակառակ Թուրքիոյ, իրեն քծնող Ատրպէյճանին եւ Նեթանիահուի կառավարութեան ճնշումին: Պատկերասփիւռներու խցիկներուն առջեւ եւ ոչ թէ փակ դռներու ետին կայացած այս քննարկումը, կ՛ակնկալուի, որ պիտի շարունակուի աւելի ուշ: Իսրայէլի կառավարութեան պատիւ չի բերեր, որ ան շարունակէ խափանել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ յուսալով, որ կրկին պիտի շահի Թուրքիոյ վստահութիւնը եւ զինակցութիւնը: Զանգուածային սպանութիւններ իրականացնողի մը հետ քաղաքական խաղեր խաղալու փոխարէն, նախընտրելի է, որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ յանուն ի՛ր իսկ հեղինակութեան:

Վերջին նպաստաւոր զարգացումը ԱՄՆ Դաշնակցային դատարանին կողմէ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ երկու հայցերով հաւանական հեռակայ վճիռ արձակելն է. այդ վճիռով կը պահանջուի հատուցում կատարել Ցեղասպանութեան ժամանակ առգրաւուած հայկական կալուածներուն դիմաց: Նման վճիռ մը խիստ զգուշացում պիտի ըլլայ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, առ այն, որ անոնք այլեւս չեն կրնար վայելել Ցեղասպանութեան զոհերու արիւնոտ դրամներէն ստացուած ու անարդարօրէն վաստակած գումարները:

2015ին սպասուելիք հայկական «ցունամի»էն տակաւին շատ առաջ, Թուրքիան շարունակաբար կը բախի ճնշումներու, որոնք կ՛առնչուին մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ աւելի մեծ յարգանքի, քիւրտերու ինքնիշխանութեան, ինչպէս նաեւ հայկական աւելի խիստ պահանջներու, միաժամանակ ունենալով լուրջ խնդիրներ գրեթէ իր բոլոր հարեւաններուն հետ: Ներքին եւ արտաքին լուրջ մարտահրաւէրներով ծանրաբեռնուած թրքական վարչակարգը, նուազ վտանգ կը սպառնայ թէ՛ իր բնակչութեան եւ թէ իր հարեւաններուն, եւ շատ հաւանական է, որ լուծէ անցեալի անարդարութիւնները եւ ներկայի հակամարտութիւնները:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Քոնկրեսին Կոչը Թուրքիոյ՝ Եկեղեցիները Վերադարձնելու Մասին. Փոխհատուցման Առաջին Յաջող Փորձ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիան մեծ պարտութիւն կրեց անցեալ շաբաթ, երբ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ նշանակալից բանաձեւ մը ընդունեց՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ կառավարութեան, որ վերադարձնէ բռնագրաւուած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներն ու այլ կալուածներ «իրենց օրինական տէրերուն»:

Այս յաղթանակը յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ անիկա տեղի կ՛ունենայ ճիշդ այն ժամանակ, երբ Թուրքիոյ հեղինակութիւնը հասած է իր գագաթնակէտին թէ՛ տարածաշրջանին մէջ եւ թէ միջազգայնօրէն: Սակայն, հակառակ քաղաքական եւ տնտեսական իր հզօր ուժին, ո՛չ թրքական վարչակարգր, ոչ ալ անոր հզօր լոպիիստները կրցան բացայայտ կերպով դէմ դնել Քոնկրեսին ընդունած բանաձեւին, որ կոչուած էր պաշտպանելու Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու կրօնական իրաւունքները: Այս է պատճառը, որ բանաձեւը, երբ առաջին անգամ Յուլիս 20ին ներկայացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին՝ իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութեան Արտաքին յարաբերութիւններու լիազօրման որոշումի փոփոխութիւն, անիկա հեշտութեամբ ընդունուեցաւ ձայներու 43-1 յարաբերակցութեամբ:

Դեկտեմբեր 13ին, մինչ բանաձեւը կը դրուէր քուէարկութեան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ խնդրանքով զգոյշ, սակայն ապարդիւն փորձ կատարեց՝ խոչընդոտելու համար բանաձեւին ընդունումը: Թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւնները նաեւ քարոզչական ձախող պայքար մը մղեցին բանաձեւին դէմ: Ներկայացուցիչներու տան ե՛ւ Հանրապետական մեծամասնական, ե՛ւ Դեմոկրատական փոքրամասնական կուսակցութեանց անդամները ուշադրութիւն չդարձուցին այդ կազմակերպութիւններուն մերժողական պահանջներուն: Այս երկկուսակցական ուժեղ համախմբումը յաջողութեամբ հաւաքեց բանաձեւի ընդունման համար պահանջուած Ներկայացուցիչներու տան ձայներուն երկու-երրորդը, ինչ որ դժուար յաղթահարելի խոչընդոտ մըն էր, քանի որ միջնորդութիւնը ներկայացուած էր խորհրդարանական յատուկ ընթացակարգով մը, որ յայնտի է «Կասեցման օրացոյց» անունով:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ իր լոպիիստական մեծածախս ընկերութիւնները ամօթալի կացութեան մատնուեցան, երբ Քոնկրեսի 435 անդամներէն միայն մէկը խօսեցաւ եւ քուէարկեց բանաձեւին դէմ: Աւելի՛ն, Քոնկրեսի Թուրք-ամերիկեան բարեկամութեան խումբի համանախագահ Էտ Ուիթֆիլտ (Հ. Քընթաքի) պատրաստակամութեամբ ընդունեց, որ «ոչ շատերը դէմ պիտի ըլլան այս բանաձեւին»: Ապա ան աւելցուց. «Բանաձեւին ներկայացումը ինքնին, ոեւէ անաչառ դիտորդի մը մօտ կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, որ կրօնական ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը խախտուի շարունակաբար»: Քանի մը վայրկեան նիւթէն շեղելէ ետք, առանց իմանալու թէ ինչպէ՛ս աւարտէ իր խօսքը, քոնկրեսական Ուիթֆիլտ իր խօսքին մնացած ժամանակը տրամադրեց իր հակառակորդներուն՝ բանաձեւի կողմնակիցներուն:

Նման աղիտալի պարտութենէ ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այլ ոչինչ կրնար ընել, քան արտայայտել իր հիասթափութիւնը: Ասիկա Թուրքիոյ բնորոշ գործելակերպ է. ի սկզբանէ մեծ ուժ գործադրել եւ սպառնալիքներ ներկայացնել՝ անբարենպաստ որոշումէ խուսափելու համար, եւ պարտուելէ ետք միայն, բանաձեւը որակել անկարեւոր՝ թաքցնելու համար իր ամօթալի պարտութիւնը: Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կարեւորութիւն չէր տար այդ բանաձեւին, ապա ինչո՞ւ ամբողջ աշխարհը իրարու խառնեց՝ փորձելով զայն տապալել:

Միամիտ հանրութիւնը ապակողմնորոշելու համար, թուրք պաշտօնատարները պնդեցին, թէ բանաձեւը ընդունուած է երկուքի դէմ մէկ քուէով, առանց բացատրելու, թէ բերանացի քուէարկութեան ընթացքին Ներկայացուցիչներու տան անդամներէն շատերը սովորաբար սրահին մէջ ներկայ չեն ըլլար: Երբ երկու կողմերու ղեկավարները կը համաձայնին որեւէ հարցի մը շուրջ, միայն քանի մը անդամ ներկայ կ՛ըլլայ եւ կ՛ընդունի այդ բանաձեւը: Թրքական իշխանութիւնները պէտք է պատասխանեն հիմնական հարցումի մը, թէ՝ ինչո՞ւ 435 քոնկրեսականներէն միայն մէկը դէմ քուէարկած է բանաձեւին: Այս փաստը կը վկայէ, թէ «Օսմանեան նոր կայսրը մերկ է»:

Թէեւ այս բանաձեւը պարտադիր ուժ չունի, քանի տակաւին չէ ներկայացուած Ծերակոյտին եւ չէ ստորագրուած նախագահին կողմէ, ասիկա արդէն իսկ զգալի յառաջընթաց է Թուրքիա ապրող քրիստոնեայ բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար, որոնց կալուածները բռնագրաւուած են տասնամեակներ շարունակ: Ոգեւորուելով այս դրական յառաջընացով՝ հայկական, ասորիական եւ յունական համայնքերը պիտի շարունակեն իրենց աշխոյժ համագործակցութիւնը եւ ճնշում պիտի գործադրեն Թուրքիոյ վրայ՝ իրենց պատմական իրաւունքները վերականգնելու համար:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ աշխարհասփիւռ հայութեան համար ԱՄՆի Քոնկրեսը Թուրքիայէն հատուցում պահանջեց, այլ ոչ թէ սոսկ Ցեղասպանութեան ճանաչում: Այս բանաձեւը կրնայ խթան հանդիսանալ միւս երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ անոնք ալ հետեւելով այս օրինակին՝ Թուրքիոյ մէջ իրաւուքներու վերականգնում պահանջեն: Այսուհետեւ, թրքական կառավարութիւնը պէտք է շատ աւելի զգոյշ ըլլայ, երբ այդ իրաւունքները կ՛ոտնահարէ՝ քաջ գիտակցելով, որ միջազգային համայնքը աչալուրջ կը հետեւի իր կողմէ շարունակաբար իրականացուող խախտումներուն:

Այս բանաձեւին յաջող ընդունումը պիտի ոգեւորէ աշխարհասփիւռ հայերը շարունակելու իրենց պայքարը՝ յանուն Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած կորուստներու վերականգնման: Ցաւօք, Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկ հոգեւորական կամ պաշտօնատար, որեւէ յայտարարութիւն չկատարեց այս կարեւոր հարցին կապակցութեամբ, կարծէք թէ հայկական եկեղեցիներուն ճակատագիրը զիրենք չի հետաքրքրեր: Արդեօ՞ք հայերուն լաւագոյն շահերէն չի բխիր որ Հայաստանը Սփիւռքին հետ միասնաբար փոխհատուցում պահանջէ՝ հաշուի առնելով մանաւանդ նախագահ Սարգսեանի՝ վերջերս Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ կատարած յայտարարութիւնը, որով «արդարութիւն» կը պահանջէր Թուրքիայէն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախագահ Սարգսեանի Նոր Ռազմավարութիւնը՝ Թուրքիայէն Հայկական Պահանջատիրութեան Հարցով
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Սարգսեան Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ հանդէս եկաւ կարեւոր ելոյթով մը, որուն ընթացքին ան ներկայացուց Թուրքիայէն Հայաստանի պահանջներու բաւարարման նոր ռազմավարութիւն մը: Մինչ այսօր, Հայաստանի կառավարութիւնը կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն:

Առաջին անգամն ըլլալով է որ նախագահը խօսեցաւ Հայաստանի՝ «արդարութեան» պահանջին մասին: Վստահ ըլլալու համար, որ իր պատգամը լսելի եւ հասկանալի պիտի դառնայ, ան կրկնեց «արդարութիւն» բառը երեք անգամ, երեք առանձին նախադասութիւններով.

- «Հայ ժողովրդի իւրաքանչիւր ներկայացուցիչ, որտեղ էլ նա լինի՝ Հայաստանում, Արցախում կամ Սփիւռքում, պահանջում է արդարութիւն»:

- «Մենք այնքա՛ն ուժեղ էինք, որ կարողացանք վերապրել Մեծ Եղեռնը, եւ ոչ պակաս ուժ ունենք, որպէսզի պահանջենք արդարութիւն»: Նախագահը «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառը վեց անգամ օգտագործեց իր ելոյթի տարբեր մասերով:

- «Դա ոչ թէ վրէժի, այլ արդարութեան ցնծութեան լուր էր», ըսաւ նախագահ Սարգսեան, նկարագրելով 1921ին Մարսէյի հայերուն ցնծութիւնը, երբ լսեցին Գերմանիոյ դատարանին կողմէ Թալէաթի սպաննողին՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի, արդարացման լուրը:

Զարմանալիօրէն, ոչ մէկ քաղաքական մեկնաբան Հայաստանի ու Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր, ուշադրութեան արժանացուց նախագահ Սարգսեանի կողմէ նշուած մօտեցման զգալի փոփոխութեան: Ցեղասպանութեան զոհերուն համար «արդարութիւն» հայցելը ունի բոլորովին այլ նպատակ, քան՝ Ցեղասպանութեան պարզ ճանաչումը: Այս պարունակին մէջ, «արդարութիւն» բառը կը ներառէ շարք մը վնասներու փոխհատուցում՝ պահանջելով վերահաստատել եւ վերադարձնել կողոպտուած բոլոր հարստութիւնները, առգրաւուած կալուածները եւ գրաւուած տարածքները:

Թուրքիոյ առջեւ աւելի համապարփակ պահանջներ դնելով՝ նախագահ Սարգսեան յայտնեց իր համոզումը, թէ պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիոյ ղեկավարները պիտի ընդունին իրենց նախնիներուն կողմէ իրագործուած զանգուածային յանցագործութիւններուն իրողութիւնը. «Մենք վստահ ենք, որ Թուրքիան պիտի զղջայ: Դա ո՛չ նախապայման է, ո՛չ էլ վրէժխնդրութեանը յագուրդ տալու ձգտում: Թուրքիան պէտք է առերեսուի իր պատմութեան հետ: Երբեւէ Թուրքիայի ղեկավարութիւնը կարող է ուժ գտնել եւ վերարժեւորել իր մօտեցումները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ: Մեր դիրքորոշումը չի փոխուել, եւ այն յստակ է: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիայի հետ ունենալ բնականոն յարաբերութիւններ, ինչպէս վայել է հարեւան երկրներին: Այդպիսի հարեւան երկրներ էին, օրինակ՝ Լեհաստանը եւ Գերմանիան, որի քանցլեր (վարչապետ) Ուիլի Պրանթ, գիտակցելով իր երկրի գործած յանցանքը՝ ծնկի էր իջել Վարշաւայի գետտոյում (Կեթթօ): Վաղ թէ ուշ, իրեն եւրոպական երկիր համարող Թուրքիան կ՛ունենայ եւրոպական լինելուն յարիր ղեկավարութիւն, որը գլուխ կը խոնարհի Ծիծեռնակաբերդում: Աւելի լաւ է՝ վաղ, բայց դա Թուրքիայի ժողովրդի գործն է: Մենք նրանց ոչինչ չենք պարտադրում. դա իրենք պէտք է անեն՝ յանուն թուրք ժողովրդի, ինչպէս որ Ուիլի Պրանթը դա արեց՝ յանուն գերմանացիների»:

Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ, հաւանաբար չհասկնալով նախագահ Սարգսեանի կողմէ «արդարութեան» պահանջի հեռանկարային հետեւանքները՝ զայրացած արձագանգեց ՀՀ նախագահի խօսքերուն: Պաղըշ մեծամտօրէն նշեց. «Ոչ ոք կրնայ ծունկի բերել թուրք ժողովուրդը: Ընդհակառակը, թուրք ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ ինչպէ՛ս ծունկի բերել նման անգիտակից յայտարարութիւններ ընողները»:

Ես ամբողջութեամբ կողմնակից եմ նախագահ Սարգսեանի՝ Թուրքիոյ նկատմամբ պահանջատիրական նոր մօտեցումին: Ես յօդուածներուս, ելոյթներուս, հարցազրոյցներուս եւ առանձին հանդիպումներուս ընթացքին, բազմիցս կոչ ըրած եմ Հայաստանի ղեկավարներուն, որ անոնք Թուրքիայէն «արդարութիւն» պահանջեն, այլ ոչ թէ պարզապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում: Այս թեմայով յօդուածներէս մէկը՝ «Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Եւ Արդարութեան Պահանջը», անցեալ տարի լոյս տեսաւ Լոս Անճելըսի «Լոյոլա» իրաւաբանական համալսարանի «The International & Comparative» պարբերաթերթին մէջ:

Նախընտրելի է, որ Հայաստան Թուրքիոյ ներկայացնէ իր պահանջները «արդարութեան» տեսանկիւնէն՝ խուսափելու համար հզօր եւ սպառնալից հարեւանի մը պաշտօնապէս հողային պահանջներ ներկայացնելու վտանգէն: Այնուամենայնիւ, «արդարութեան պահանջ»ը ծածկագիր է կամ սղագրութիւն՝ Թուրքիայէն համապարփակ հայկական պահանջներուն: Նոյնիսկ Թուրքիոյ ժխտողապաշտ ղեկավարները չեն համարձակիր վիճարկել «արդարութեան» համընդհանուր ընդունուած հասկացութիւնը, օրէնքի գերակայութեան եւ յատկապէս միջազգային իրաւունքի հիման վրայ:

Թէեւ Մարսէյի մէջ նախագահ Սարգսեանի խօսքերը բարձր գովասանքի արժանացան, կը մնայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կեանքի պիտի կոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պահանջող այս նոր հայեցակարգը: Ինչպիսի՞ գործնական քայլերու պիտի ձեռնարկէ ՀՀ կառավարութիւնը, մանաւանդ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Թուրքիայէն արդարութիւն պահանջելու ուղղութեամբ: Արդեօ՞ք Հայաստանը պիտի պաշտպանէ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն կողմէ ԱՄՆի եւ Եւրոպական դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ բացուած դատավարութիւնները՝ պահանջելով Ցեղասպանութեան զոհերու կորուստներուն փոխհատուցումը, կամ արդեօ՞ք Հայաստանը պիտի բանայ իր սեփական դատը Թուրքիոյ հանրապետութեան դէմ, Միջազգային դատարանին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ԱՄՆի Դատարանը Պէտք Է Որոշում Կայացնէ Թրքական Դրամատուներու՝ Հայկական Դատական Գործերը Կասեցնելու Պահանջին Հարցով
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ տարի Լոս Անճելըսի Դաշնակցային դատարանը երկու առանձին հայց ներկայացուցած է՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր երկու մեծ դրամատուներուն, 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք հայերէն գրաւուած կալուածներուն դիմաց փոխհատուցում պահանջելով:

Առաջինը խմբային հայց էր, որով կը պահանջուէր միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարներ՝ Թուրքիոյ հանրապետութենէն, «Ziraat» դրամատունէն եւ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունէն, որոնք անարդարօրէն հարստացած էին Ցեղասպանութեան ժամանակ տեղահանուած եւ կոտորուած հայերուն պատկանող գոյքերու իւրացումով:

Երկրորդ դատական գործով, որ յարուցուած էր երեք ամերիկահայերու կողմէ, կը պահանջուէր 64 միլիոն տոլար՝ Ատանայի ու Թուրքիոյ մէջ գրաւուած կալուածներուն դիմաց, առաւել քանի մը միլիոն՝ անցած 60 տարիներուն ընթացքին ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ կատարուած վարձավճարներուն եւ անոնց կուտակուած տոկոսագումարներուն դիմաց, որոնք վճարուած են հայ հայցուորներու ընտանիքներուն պատկանող հողին վրայ կառուցուած «Ինչիրլիք» ռազմակայանի օգտագործման համար:

Երբ այս երկու դատական գործերը յարուցուեցան, Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ իր երկու դրամատուները ծաղրեցին այդ մեղադրանքները՝ պնդելով, որ ԱՄՆի դատարանները իրաւունք չունին դատելու ուրիշ կառավարութիւններու գործողութիւնները: Դատավարութիւնները արգելափակելու համար, թրքական կողմը չընդունեց իրաւական փաստաթուղթերը, որոնք դատական գործին ընթացք տալու առաջին քայլը կը համարուին: Երկար ժամանակ մուկ ու կատու խաղալէ ետք, թուրք պաշտօնատարները վերջապէս ստացան դատարանի փաստաթուղթերը, զորս անոնց փոխանցուեցան Անգարայի մօտ ԱՄՆ դեսպանատանին միջոցով՝ արտաքին գործոց նախարարութեան պահանջով:

Դժկամութեամբ ընդունելով դատարանին թուղթերը՝ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը հրաժարեցաւ ներկայանալէ ԱՄՆ դաշնակցային դատարան, հակառակ արտաքին գործոց նախարարութեան զգուշացումներուն, որ դատարան չներկայանալու պարագային՝ դատարանը կրնայ վճիռ արձակել իրենց բացակայութեան: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ դրամատուները, վախնալով նման ճակատագիրէ մը՝ շտապեցին ներկայանալ դատարան եւ ներկայացուցին միջնորդութիւն մը՝ դատական գործերը կասեցնելու պահանջով:

Իրենց կողմէ ներկայացուած դիմումներուն մէջ, դրամատուները հանդէս եկան զանազան առարկութիւններով՝ պնդելով, որ ԱՄՆ դատարանները չունին նման իրաւասութիւն, որովհետեւ թրքական կողմը ունի ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութիւն: Անոնք պն-դեցին, որ դատական գործերը պէտք չէ շարունակել, քանի որ գոյութիւն ունի 1934ի Անգարայի համաձայնագիրը, «Քաղաքական հարցի տոքթրին»ը, ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններու սպառնալիքը, ինչպէս նաեւ գոյութիւն չունին բաւարար ապացոյցներ, թէ հայցուորները գրաւուած գոյքերու սեփականատէրերուն ժառանգորդներն են, իսկ վաղեմութեան ժամկէտը եւս անցած է:

Զարմանալիօրէն, թրքական դրամատուները ընդունեցին, որ նոյնիսկ եթէ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը գրաւած է հայկական կալուածքները, ապա միջազգային իրաւունքը կը բացառէ նմանատիպ հայցերու ներկայացումը, քանի որ Թուրքիան խլած է «կալուածներ ի՛ր իսկ քաղաքացիներէն»:

Դրամատուներու փաստաբանները խայտառակ առաջարկ մը տուին՝ պահանջելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու կտակները ստուգուին, որոշելու համար գրաւուած կալուածներուն օրինական ժառանգորդները: Զոհերու կտակի բացակայութեան պարագային, փաստաբանները առաջարկեցին ուսումնասիրել համապատասխան օրէնքներ՝ տեսնելու համար, թէ որոնք իրականութեան մէջ իրաւունք ունին ստանալու այդ կալուածները:

Որպէս հայցուոր հանդէս եկող հայկական կողմի փաստաբանները հակառակեցան թրքական առարկութիւններուն եւ դատարանէն խնդրեցին մերժել այդ միջնորդութիւնը: Հայցուորները պնդեցին, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ziraat» դրամատան մասնաճիւղը առեւտրային անձնական դրամատուն է եւ ոչ մէկ պատճառ ունի ինքնիշխանութեան անձեռնմխելիութեան իրաւունքը վայելելու: Աւելին՝ «Ցեղասպանութիւնը կամ գոյքի թալանը երբեք չի կրնար համարուիլ պետութեան մը կողմէ օրինական գործողութիւն: Ատիկա քաղաքականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի, քանի որ այս գործին նպատակն է՝ վերադարձնել հաւատարմագրային կառավարումով տնօրինուող գոյքի վաճառքէն եւ (կամ) վարձակալութենէն ստացուած անիրաւացի բարիքները: Ի վերջոյ, տուեալ պարագային չի կիրառուիր վաղեմութեան ժամկէտը, քանի որ գոյքերը կը տնօրինուին հաւատարմագրային կառավարումով, եւ զանոնք չվերադարձնելը կը շառունակէ վնաս պատճառել»: Փաստաբանները նաեւ պնդեցին, թէ վաղեմութեան ժամկէտը չի կիրառուիր պատերազմական յանցագործութիւններու կամ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու պարագային:

Հակասելով դրամատուներու պնդումներուն՝ խմբական հայցի գործով փաստաբանները պնդեցին, որ արտաքին ինքնիշխան անձեռնմխելիութեան օրէնքը չի բացառեր Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսական գործունէութիւն իրականացնող օտարեր անձերու քրէական հետապնդումը, զոր իրականացուցած է թէ՛ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը եւ թէ այդ երկու դրամատուները՝ տարիներ շարունակ:

Հայկական կողմի փաստաբանները պնդեցին նաեւ, որ թուրք դատապաշտպանները սուտ պնդումներ կատարած են ըսելով, որ միջազգային օրէնքը ի զօրու չէ օտար պետութիւններու «իրենց քաղաքացիներուն նկատմամբ իրականացուած յանցանքներուն նկատմամբ», ընդհակառակն, «միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ պետութիւններուն իւրացնել քաղաքացիներու գոյքը ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներու պարագային»:

Լսումը նախատեսուած է Դեկտեմբերի 19ին, որոշելու համար թրքական դրամատուներու երկու դատական գործերը կասեցնելու միջնորդութեան հարցը: Եթէ դատարանը մերժէ թրքական միջնորդութիւնը եւ հայկական կողմը յաղթէ հերթական դատավարութեան ընթացքին, ապա դատարանը կրնայ որոշում կայացնել, որ երկու դրամատուներու ԱՄՆու գոյքերը գրաւուին հայցի արժէքին չափով եւ յանձնուին Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւազուրկ զոհերու ժառանգորդներուն՝ իբրեւ արդարացի փոխհատուցում:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Պէտք Չէ Խաբուիլ Քիւրտերու Կոտորածներուն Մասին Էրտողանի Ներողութեան Դատարկ Խօսքերով
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ մեծ խառնաշփոթ ստեղծուեցաւ թուրք հասարակութեան մօտ, երբ վարչապետ Էրտողան անսպասելիօրէն ներողութիւն խնդրեց 1930ական թուականներուն Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը քիւրտերու դէմ կատարուած կոտորածներուն համար, որոնց մասին մինչ օրս արգիլուած էր խօսիլ:

Քիւրտերու կոտորածներուն եւ Հայերու Ցեղասպանութեան միջեւ քանի մը բացայայտ նմանութիւններ կան: Ապստամբութիւնը ճնշելու քօղին տակ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, Քեմալ Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ, հրամայեց սպաննել եւ տեղահան ընել տասնեակ հազարաւոր ալաուի քիւրտեր Տերսիմէն, որ ներկայիս յայտնի է Թունճելի անունով: Թրքական ռազմական ինքնաթիռները ռմբակոծեցին եւ թունաւոր կազեր արձակեցին լեռնային քարանձաւներու մէջ պատսպարուած քիւրտերու վրայ:

Հեգնականը այն է, որ ռմբակոծութիւններուն կը մասնակցէր Սապիհա Քէօքչեն՝ Թուրքիոյ առաջին կին օդաչուն, որ Աթաթիւրքի կողմէ որդեգրուած հայ որբուհի մըն էր: Քէօքչեն, անգիտակցաբար, մասնակից եղաւ ոչ միայն քիւրտերու, այլեւ 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Տերսիմի մեկուսացուած շրջանին մէջ ապաստանած իր ազգակիցներու ոչնչացման:

Տերսիմի կոտորածներու անակնկալ ճանաչումով, Էրտողան ոչ թէ անկեղծ ցանկութիւն ունէր ջուրի երես հանել պետութեան կողմէ իրականացուած յանցագործութիւնը, որ կը թաքցուէր երկար տարիներէ ի վեր, այլեւ նպատակ ունէր վարկաբեկել իրեն հակառակորդ քաղաքական մրցակիցին՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին, որուն գլխաւորած Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը (ՀԺԿ) կանգնած էր իշխանութեան գլուխը, երբ քիւրտերու նկատմամբ իրականացան նշեալ վայրագութիւնները:

Էրտողան խորամանկօրէն յաջողեցաւ ձեռք բերել հասարակական մեծ համակրանք, մասնաւորապէս երբ Քըլըչտարօղլու, որպէս բնիկ տերսիմցի, կորսնցուցած ըլլալով իր ընտանիքէն շատ անդամներ՝ մերժեց շրջել ՀԺԿի երկարամեայ մօտեցումը՝ թաքցուած կոտորածները բացայայտելու մէջ:

Տեսնելով իր մրցակիցին աւելի մեծ հարուած հասցնելու հնարաւորութիւնը՝ վարչապետ Էրտողան ելոյթ ունեցաւ պարկերասփիւռէն՝ պետական արխիւներէն երեւան բերելով շարք մը կարեւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը ներկայացնէին քիւրտ տղամարդոց նկատմամբ իրականացած դաժան խոշտանգումներուն մանրամասնութիւնները, կանանց բռնաբարութիւններն ու երեխաներու անդամահատումը: Թատերականօրէն, ան պատռեց Տերսիմի կոտորածներուն նուիրուած կառավարութեան կեղծ զեկոյցը:

Ի պատասխան Էրտողանի յարձակումներուն, Քըլըչտարօղլու վերջապէս հանդէս եկաւ անակնկալ յայտարարութեամբ մը: Թէեւ ան մերժած է ճանչնալ Տերսիմի ջարդերը, այնուամենայնիւ, ան յայտարարեց, թէ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ: Ան Էրտողանէն պահանջեց բացայայտել այս հարցին առնչութեամբ արխիւին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերը, եւ վերադարձնել քիւրտերէն առգրաւուած գոյքը:

Վարչապետին անակնկալ ներողութիւնը Թուրքիայէն ներս մեծ բանավէճի առիթ դարձաւ: Լրատուական միջոցներու որոշ մեկնաբաններ, Էրտողանի կողմէ Տերսիմի կոտորածներուն ճանաչումը դիտեցին որպէս ոչ միայն միլիոնաւոր ալաուի ընտրողներու կողմէ Քըլըչտարօղլուին ցուցաբերուած աջակցութիւնը խոչընդոտելու, այլեւ Աթաթիւրքի ժառանգութիւնը արժեզրկելու փորձ: Այլ վերլուծաբաններ յոյսի նշոյլներ տեսան այն գծով, որ Էրտողան կը պատրաստուի ճանչնալու Թուրքիոյ պատմութեան մնացեալ մութ դրուագները՝ ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Քըլըչտարօղլու, իր կարգին, փորձեց Էրտողանը վարկաբեկել՝ զայն մեղադրելով որ կը պատրաստուի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ անոր մտածելակերպը նոյնացնելով սփիւռքահայերու մտածելակերպին: Էրտողան անմիջապէս հակադարձեց՝ այդ համեմատութիւնը իբրեւ վիրաւորանք ընդունելով իր անձին նկատմամբ, նաեւ խստօրէն յանդիմանեց եւ զգուշացուց իր քաղաքական հակառակորդը, որ նման զուգահեռներ չգծէ:

Էրտողանի ցեղապաշտական արձագանգը լաւ չընդունուեցաւ անոնց կողմէ, որոնք կը պնդէին, թէ «հրաշագործ ճենը դուրս եկած է շիշէն», յուսալով, որ քիւրտերուն ուղղուած վարչապետին ներողութիւնը նախադէպ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերջնականապէս ճանչնալու համար: Տերսիմի կոտորածներուն ուղղութեամբ վարչապետին կողմէ կատարուած աղաւաղուած յայտարարութիւնները ուշադիր ուսումնասիրելով, չես կրնար չնկատել անոնց ահաւոր նմանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ժխտողական տեսակէտներուն: Անոնք են՝

1- Նուազեցնել քիւրտերու զոհերուն թիւը տասնեակ հազարաւորներէն մինչեւ 13,800ի.

2- Քիւրտերուն ջարդերը նկարագրել պարզապէս որպէս «սպանութիւն» կամ՝ «դէպքեր».

3- «Սպանութիւններ»ուն մեղքի բաժինը բեռցնել աւելի շատ հակառակորդ քաղաքական կուսակցութեան ուսերուն, քան՝ Թուրքիոյ պետութեան.

4- Ոչ մէն փոխհատուցում առաջարկել քիւրտ զոհերու ժառանգորդներուն:

Բոլոր անոնք, որոնք միամիտ յոյսեր կը փայփայեն այն մասին, թէ Էրտողան շուտով հանդէս պիտի գայ նմանատիպ ներողութեամբ մը Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, վստահաբար պիտի յուսախաբուին: Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ ներողութիւնը աւելի շատ պիտի վնասէ Հայկական հարցը, քանի որ անիկա կը յուսալքէ որոշ հայեր Թուրքիայէն փոխհատուցում պահանջելու հարցով, կ՛ապակողմնորոշէ միջազգային համայնքը՝ մղելով անոր մտածելու, թէ հայերուն պահանջները այժմ ամբողջութեամբ բաւարարուած են, եւ այդպիսով՝ հայերը կը զրկուին հետագային իրենց Ազգային դատին համար քաղաքական աջակցութիւն ստանալէ:

Աւելին, եթէ Էրտողան ներողութիւն խնդրէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, ապա միջազգային համայնքը անոր գովքը պիտի հիւսէ, պիտի առաջադրէ անոր թեկնածութիւնը Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին, եւ պիտի աջակցի Եւրոպական Միութեան մէջ Թուրքիոյ թեկնածութեան:

Միջազգային համայնքը պէտք է փոխարէնը պահանջէ, որ Էրտողան ամբողջութեամբ ճանչնայ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու ցեղասպանութիւնը, հանդէս գայ անկեղծ ներողութեամբ, փոխհատուցում առաջարկէ եւ վերադարձնէ առգրաւուած կալուածները միլիոնաւոր անմեղ զոհերու ժառանգորդներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքները Կը Դատապարտուին
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբը Սուրիոյ իշխանութիւնները դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ անոնց ծաւալած ութամսեայ արշաւին համար։

Որոշումը որդեգրուեցաւ 122 թեր, 13 դէմ եւ 41 ձեռնպահ քուէներով։ Որոշումին թեր քուէարկած երկիրներուն շարքին են Պահրէյնը, Յորդանանը, Քուէյթը, Մարոքը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը։

Իր կարգին, Ռուսիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Միխայիլ Մարկիլով դէմ արտայայտուեցաւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեանց՝ յայտնելով, որ սուրիացի ժողովուրդը երկխօսութեան միջոցաւ կրնայ տագնապը լուծել։ Մարկիլով քննադատեց իշխանութեան հետ երկխօսութիւնը մերժող ընդդիմութեան կեցուածքը՝ յայտնելով, որ «քաղաքական տագնապը լուծել կարելի չէ, եթէ առնչակից կողմերը մերժեն զիրար լսել»։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Բրիտանիա իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա հասած է «կէտ մը ուրկէ ետ դարձ չկայ»՝ աւելցնելով, որ սուրիական տագնապին պատճառով «ամբողջ շրջանը կրնայ իրարանցումի եւ արիւնահեղութեան մատնուիլ»։

Թուրքիան Կը Ձգտի Ամերիկայի Հնդիկներուն Հետ Առեւտրային Մենաշնորհի Տիրանալու
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Քանի մը շաբաթ ետք, երբ թրքական մեծածախս լոպիիստական ընկերութիւնները ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացնեն իրենց պարտադիր հաշուետուութիւնները, կարեւոր բացայայտումներ պիտի կատարուին իրենց ծածուկ գործունէութեան վերաբերեալ, որով կը փորձեն Քոնկրեսին միջոցով վաւերացնել այնպիսի օրինագիծ, որ թրքական ընկերութիւններուն կը շնորհէ Ամերիկայի հնդիկ ցեղերուն պատկանող հողերուն մէջ ներդրումներ կատարելու մենաշնորհեալ դիրք:

Այս հաշուետուութիւնները պիտի բացայայտեն այն անձանց ինքնութիւնը, որոնք նպաստած են Նոյեմբեր 17ին Ներկայացուցիչներու տան Բնական պաշարներու հարցերով յանձնաժողովին կողմէ՝ «2011 թուականի Բնիկ հնդիկ ցեղերու հետ առեւտուրի եւ ներդրումներու ցուցադրական նախագիծի մասին» թիւ 2362 բանաձեւին հաստատմանը՝ ձայներու 27 կողմ եւ 15 դէմ յարաբերակցութեամբ:

Պէտք չէ զարմանալ՝ իմանալով, որ այս անմեղ թուացող բանաձեւը, որուն նպատակն է «խթանել հնդիկ ցեղերուն տնտեսական զարգացումը եւ նպաստել թրքական ընկերութիւններուն կողմէ ներդրումները», Քոնկրեսէն սահուն կերպով անցաւ՝ Ներկայացուցիչներու տան որոշ անդամներուն համար ֆինանսական առատաձեռն միջոցներու հոսքի ապահովման շնորհիւ, ինչ որ մօր կաթի նման անհրաժեշտ է քաղաքական մարդկանց:

Անշուշտ, սխալ ոչինչ կայ բնիկ ամերիկացիներուն՝ օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւելու հարցով օգնելուն մէջ, բացի անկէ, որ Քոնկրեսէն խնդրուած էր արտօնեալ մօտեցում ցուցաբերել միայն մէկ երկրի՝ Թուրքիոյ նկատմամբ: Տարօրինակօրէն, Յանձնաժողովի անդամներուն մեծամասնութիւնը ցանկացած էր ընթացք տալ այս արտասովոր եւ ապօրինի պահանջքին՝ արհամարհելով Քոնկրեսի Հետազօտութիւններու ծառայութեան խիստ զգուշացումները այն մասին, որ միայն մէկ երկիրի յատուկ արտօնութիւն շնորհելը կը խախտէ ԱՄՆի հիմնական առեւտրային պայմանագիրներու դրոյթները, որոնք են՝ Most Favored Nation (MFN), North American Free Trade Agreement (NAFTA), եւ World Trade Organization (WTO):

Աւելին, Քոնկրեսին համար անհրաժեշտութիւն մը չէր երկիրի մը համար փորձնական ծրագիր հաստատելը, երբ միաժամանակ Յանձնաժողովը կը քննարկէր արդէն առաւել համապարփակ օրինագիծ մը՝ թիւ 205 բանաձեւը, որ բոլոր երկիրներուն համար կ՛ապահովէ հաւասար հնարաւորութիւն՝ հնդիկ ցեղերուն հետ առեւտուրի եւ անոնց պատկանող հողերուն վրայ ներդրումներ կատարելու: Իրականութեան մէջ, Հնդիկ ցեղերու հարցերով զբաղող գրասենեակի տնօրէնը հաւաստիացուց, որ ինք թիւ 2362 բանաձեւին առնչութեամբ լուրջ վերապահումներ ունի: Այդ իսկ պատճառով, ան կը նախընտրէ աջակցիլ թիւ 205 բանաձեւի ընդունման, որ «կը ծառայէր նոյն նպատակներուն՝ աւելի լայն մասշտաբով…»: Երբ Մերիլենտ նահանգէն դեմոկրատ քոնկրեսական Ճոն Սարպէյնզ փորձեց բարեփոխում առաջարկել թիւ 2362 բանաձեւին մէջ՝ ընդլայնելով պետութիւններուն շրջանակը եւ անոր մէջ ընդգրկելով Թուրքիայէն բացի այլ երկիրներ, իր առաջարկը մերժուեցաւ՝ «թեքնիքաքան» պատճառներով:

Նախքան քուէարկութիւնը, քանի մը հայ-ամերիկեան եւ յոյն-ամերիկեան կազմակերպութիւններ, Ներկ. տան յանձնաժողովին յղեցին թիւ 2362 բանաձեւին դէմ իրենց բողոք-նամակները՝ նշելով, որ հնդիկ ցեղերուն հողերուն նկատմամբ Թուրքիոյ մենաշնորհեալ դիրք շնորհելը անընդունելի է եւ անօրինական: Այս կազմակերպութիւնները բարձրացուցին հինգ առանցքային առարկութիւններ՝ ուղղուած Քոնկրեսին՝ Թուրքիոյ յատուկ արտօնութիւններ շնորհելուն կապակցութեամբ, որովհետեւ այդ երկիրը՝

1) Կը մնայ միլիոնաւոր հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւն կատարողը, որ չի զղջար իր կատարածին համար.

2) Կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը, գրաւուած պահել Կիպրոսը, առճակատուիլ Իսրայէլի հետ եւ վնաս հասցնել ԱՄՆ տարածաշրջանային շահերուն.

3) Կը սպառնայ ԱՄՆի տնտեսական շահերուն՝ Միջերկրական ծովու շրջանին մէջ.

4) Կապ ունի ապօրինի գործարքներով կասկածելի ամերիկա-թրքական կազմակերպութիւններու հետ.

5) Կ՛աջակցի Իրանին՝ խախտելով ԱՄՆի պատժամիջոցները:

Թիւ 2362 բանաձեւի պաշտպանները կը ծրագրեն այս օրինագիծը օգտագործել նախքան աւելի համապարփակ՝ թիւ 205 բանաձեւին ընդունումը, Թուրքիոյ առաջնահերթութիւն ապահովելու համար, եւ այլ ազգերու ի տես՝ անոր անարժան առաւելութիւն շնորհելու համար: Թուրքիան կրնայ այնուհետեւ առեւտրական բացառիկ գործարքներ կնքել հնդիկ ցեղերուն հետ, 25 տարուան ժամկէտով, ինչ որ կրնայ երկարաձգուիլ եւս երկու լրացուցիչ ժամկէտով՝ իւրաքանչիւրը 25 տարի, այսինքն՝ ընդհանուր 75 տարի: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մինչեւ որ այլ երկիրներու ընկերութիւններ եւս հնարաւորութիւն ունենան պայմանագիրներ ստորագրելու հնդիկ ցեղերուն հետ, թրքական ընկերութիւնները խլած պիտի ըլլան առաւել շահաւէտ գործարքները՝ միւսները ձեռնունայն ձգելով:

Յանձնաժողովին կողմէ թիւ 2362 բանաձեւի ընդունումէն անմիջապէս ետք, Ամերիկայի թուրքերը եւ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը շտապեցին տօնելու իրենց վաղաժամ յաղթանակը: Նոյեմբեր 17ին, Թուրք-ամերիկեան համախմբումը մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց՝ յայտնելով իր գոհունակութիւնը առ այն, որ յանձնաժողովը ընդունած է բանաձեւը եւ շուտով այդ բանաձեւը ամբողջութեամբ պիտի ընդունուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ: Նոյն գիշերը, Թուրքիոյ դեսպանատունը Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպեց ընդունելութիւն մը՝ «նշելու համար Ամերիկայի բնիկ հնդիկներուն եւ Ալասքայի բնիկներուն Ժառանգութեան ամիսը, եւ Ներկայացուցիչներու տան Բնական պաշարներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովին կողմէ թիւ 2362 բանաձեւին բարեյաջող ընդունումը»: Թուրքիոյ ականաւոր դեսպան Նամըք Թան, անձամբ Twitter ցանցին վրայ տեղադրած է Ամերիկայի բնիկ հնդիկներու լուսանկարներ՝ իրենց ազգային տարազներով, որոնք առնուած էին դեսպանատան մէջ կայացած տօնախմբութիւններուն ընթացքին:

Դեսպանին պէտք է յիշեցնել, որ վաղաժամ է յաղթանակ տօնելը, քանի որ ոչ մէկ երաշխիք կայ, թէ այս թերի օրինագիծը երբեւէ պիտի հասնի Ներկայացուցիչներու տուն, ուր մնաց՝ Ծերակոյտ, քանի որ այդ բանաձեւը լրջօրէն կը խախտէ ամերիկեան առեւտրային շարք մը համաձայնագիրներ: Նոյնիսկ եթէ օրինագիծը հաստատուի Քոնկրեսին կողմէ, Ամերիկայի քաղաքացիական կազմակերպութիւնները եւ բազմաթիւ երկիրներ դատերու կը դիմեն՝ արգելափակելու համար այս խտրական օրէնսդրութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Դաշնակցային Վերաքննիչ Դատարանին Ապարդիւն Հրահանգը՝ Ապահովագրական Ընկերութիւններու Հայցին Վերաբերեալ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախքան Ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հազարաւոր հայեր ապահովագրած էին իրենց կեանքը ամերիկեան եւ եւրոպական ընկերութիւններու մօտ, որպէսզի իրենց մահէն ետք իրենց ժառանգորդները դրամական հատուցում ստանան:

Ցաւօք, այս ընկերութիւններէն շատերը հրաժարեցեան իրենց գործարքը կատարելէ, երբ հայ ապահովագրեալները իրենց ընտանիքներով կոտորուեցան Ցեղասպանութեան ընթացքին: Շատ դէպքերու պարագային, ոչ մէկ ազգական ողջ մնացած էր, որպէսզի զոհերուն փոխարէն պահանջէր այդ գումարները ապահովագրական ընկերութիւններէն: Քանի մը ընտանիքներ, որոնք դիմած էին ապահովագրական գումար ստանալու համար, մերժուեցան, համապատասխան փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով: Ակնյայտօրէն, այդ ընկերութիւնները չկատարեցին իրենց պայմանագրային պարտաւորութիւնները եւ հարստացան՝ Ցեղասպանութեան ապահովագրուած զոհերու ժառանգորդներու գումարներուն հաշուոյն:

Գրեթէ մէկ դար ետք, Քալիֆորնիա նահանգը փորձեց վերականգնել արդարութիւնը տուժած ապահովագրեալներուն նկատմամբ: Հաշուի առնելով այս զոհերու մահուան ողբերգական եւ անբնական հանգամանքները՝ նահանգը հաւանութիւն տուաւ վաղեմութեան ժամկէտներու երկարաձգման, երկու անգամ՝ 2000 եւ 2011 թուականներուն, յաւելեալ ժամանակ տալով Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն իրաւախախտ ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ բողոք ներկայացնելու համար:

Լաւ իմանալով, որ նման դատավարութիւն մը բացասական արձագանգ կը ստանայ հանրութեան կողմէ, «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ «AXA» ապահովագրական ընկերութիւնները համաձայնեցան 37.5 միլիոն տոլար վճարել հայ ապահովագրեալներու ժառանգորդներուն եւ բարեգործական կազմակերպութիւններուն: Հակառակ անոր, Թուրքիոյ կառավարութեան հովանաւորութեան ներքեւ գտնուող գերմանական «Վիքթորիա» եւ «ԷՌԿՕ» ապահովագրական ընկերութիւնները շարունակեցին խուսափիլ տարաբախտ հայ ապահովագրեալներուն նկատմամբ իրենց իրաւական եւ բարոյական պարտականութիւնները կատարելէ, ինչպէս նաեւ մերժեցին կատարել անոնց կուտակուած պահանջները: Գերմանական ընկերութիւնները պահանջեցին մերժել իրենց դէմ 2003 թուականին յարուցուած հայցը, քանի որ Քալիֆորնիոյ օրէնքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յղում կատարուած էր, բան մը, որ իրենց պնդումով, կը հակասէ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ այս հարցին կապակցութեամբ վարուող արտաքին քաղաքականութեան:

Շարք մը չափազանց արտասովոր դատական որոշումներ յառաջացան, երբ դաշնակցային դատաւոր Քրիսթինա Սնայտըր, 2007ին անբաւարար համարեց գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն կողմէ տրուած դիմումը՝ հայցը մերժելու մասին: 2009ին, երեք դատաւորներու կազմով հանդէս եկող դաշնակցային Վերաքննիչ դատարանը նախ սատարեց գերմանական ընկերութիւններուն, սակայն հետագային՝ 2010ին, փոխեց իր որոշումը՝ գտնելով, որ Քալիֆորնիոյ օրէնքին մէջ որեւէ իրաւական խնդիր չկայ: Այս տարուան սկիզբը, գերմանական ընկերութիւնները անգամ մը եւս բողոքարկեցին, այս անգամ՝ 11 դատաւորի ընդլայնուած կազմով հանդէս եկող դաշնակցային դատարանին մօտ: Ընթացիկ Նոյեմբեր 7ին նշանակուած այս լսումը պիտի կայանայ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Դեկտեմբեր 12ին:

Այս դատական գործին երրորդ անգամ լսումը արդէն անհրաժեշտ չէ, քանի որ Քալիֆորնիոյ օրէնքը չի խախտեր դաշնակցային կառավարութեան դիրքորոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Իրականութեան մէջ, գոյութիւն չունի որեւէ դաշնակցային քաղաքականութիւն, որ կ՛արգիլէ նահանգներուն ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դաշնակցային ոեւէ պաշտօնատարի կողմէ որեւէ բողոք չէ ներկայացուած, երբ աւելի քան 40 ամերիկեան նահանգներ ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր: Այլեւ, Քալիֆորնիոյ օրէնքը համահունչ է սոյն հարցին շուրջ դաշնակցային կառավարութեան յստակ դիրքորոշման հետ: Պէտք չէ մոռնալ, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է երկու բանաձեւեր՝ 1975 եւ 1984 թուականներուն, որոնցմով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ նախագահ Ռիկըն, այս հարցին առնչութեամբ նախագահական հռչակագիր մը արձակած է: Աւելին, ԱՄՆի արդարադատութեան նախարարութիւնը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 1951ին, Համաշխարհային դատարանին ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ հայերու զանգուածային կոտորածը նշելով իբրեւ «ցեղասպանութեան յանցագործութեան ուշագրաւ օրինակներէն մէկը»:

Թէեւ այս վերջին բողոքարկումը բացարձակապէս զերծ է իրաւական հիմքերէ, դատարանին բացասական որոշումը ոչ միայն պիտի վնասէ կեանքի ապահովագրութեան գումարներ պահանջող անձանց շահերուն, այլ նաեւ, ինչ որ առաւել կարեւոր է՝ հայ ժողովուրդի հաւաքական շահերուն, եթէ դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը գտնէ, որ Քալիֆորնիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը հակասէ դաշնակցային կառավարութեան կողմէ վարուող արտաքին քաղաքականութեան: Նման որոշում ջուր կը ձգէ ամերիկահայերու քանի մը տասնամեակի քաղաքական գործունէութիւնը՝ շրջելով աւելի քան 40 նահանգներու կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բոլոր բանաձեւերը:

Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը պէտք է վճիռ կայացնէ յօգուտ հայ հայցուորներուն: Դատարանը կրնայ նաեւ թիկունք կանգնիլ Քալիֆորնիոյ օրէնքին՝ տարանջատելով գործի ապահովագրական կողմը, ինչ որ նահանգներուն բացառիկ իրաւունքն է, ցեղասպանութեան կապակցութեամբ «Նահանգն՝ ընդդէմ դաշնակցային իշխանութիւն» գործին հետ կապ չունեցող հարցէն: Եթէ դատաւորները որոշում կայացնեն Քալիֆորնիոյ օրէնքին դէմ, ապա ամերիկահայ համայնքը այլ տարբերակ չունի, քան վճիռը բողոքարկել ԱՄՆ Գերագոյն դատարան:

Սակայն կայ շատ բացայայտ հարց մը. դաշնակցային դատարանը պէտք է ստիպէ գերամանական ապահովագրական ընկերութիւններուն կատարել իրենց պայմանագրային պարտաւորութիւնները բոլոր ապահովագրեալներուն նկատմամբ, մանաւանդ՝ Ցեղասպանութեան զոհերուն հանդէպ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Քանտըլիզա Ռայսը Արժանի Չէ «Սթենֆըրտ»ի Մէջ Դասաւանդելու
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քանտըլիզա Ռայս, վերջերս հրապարակած «Ուաշինկթընի Մէջ Անցուցած Տարիներուս Յուշագիրը. Չկայ Աւելի Մեծ Պատիւ» խորագիրով իր 750 էջնոց գիրքին մէջ հպարտութեամբ կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւներու տապալման ուղղութեամբ իր մղած պայքարին մասին, երկու տարբեր առիթներով: Ան մեծ գոհունակութեամբ կը նշէ, թէ յաջողած է խոչընդոտել ԱՄՆ Քոնկրեսին կողմէ 1991 եւ 2007 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Այս յուշերուն մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը կը բացայայտէ անոր տհաս դատողութիւնը եւ բարոյական նորմերու բացակայութիւնը: Ան կը պատմէ, թէ «այս խնդիրին» առնչութեամբ իր առաջին փորձը կատարուած է 1991 թուականին, երբ կ՛աշխատէր Սպիտակ տան մէջ, իբրեւ նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի յատուկ օգնական: Իր յանձարարութիւնն էր՝ «ջանք չխնայել Ներկայացուցիչներու տան մէջ այս բանաձեւը տապալելու համար»: Պարծենալով իր իրագործումով՝ ան ինքզինք կը նկարագրէ իբրեւ անձ մը, որ պայքարած է «ամերիկահայ հզօր լոպիին» դէմ, որ «տարիներ շարունակ ճնշում գործադրած է Քոնկրեսին վրայ՝ բանաձեւը ընդունելու հարցով, որպէսզի 1915ի Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ հայերուն զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակէ»: Իրականութեան մէջ, Ռայս պէտք չունէր հակադրուելու բանի մը, որ արդէն իսկ ընդունուած էր Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 1975 եւ 1984 թուականներուն, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռոնալտ Ռիկընի կողմէ՝ 1981ին:

Ռայս կը շարունակէ՝ ըսելով, որ «պատահածին մասին գոյութիւն ունին պատմական բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ», ինչ որ երբեք չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ չկայ որեւէ պատմական վէճ, որ համընդհանուր ընդունուած իրողութիւն է: Աւելին՝ փրոֆ. Ռայս, կարծէք, չի հասկանար, որ նկարագրելով հայերուն «սպանութիւնները» որպէս «յստակօրէն դաժան ու ցեղապաշտական շարժառիթներով ջարդեր»՝ ան իրականութեան մէջ զանոնք կ՛որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, ինչպէս սահմանուած է ՄԱԿի՝ Ցեղասպանութեան մասին վեհաժողովին 2րդ յօդուածով:

Իր յուշերուն մէջ, Ռայս կը փորձէ արդարացնել իր խափանարար խուսանաւումները՝ բացատրելով, որ թուրքերը «կատաղած էին այն պատճառով որ կ՛ամբաստանուէին դէպքի մը համար, որ տեղի ունեցած է գրեթէ մէկ դար առաջ, Օսմանեան ժամանակաշրջանին»: «Պանանա Ռիփապլիք»ի անողնաշար պաշտօնեայ իբրեւ հանդէս գալու փոխարէն, Ռայս պէտք է խստօրէն յորդորէր թուրքերը, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի չխեղաթիւրէ պատմական փաստերը, պարզապէս բռնապետական պետութեան մը խելացնոր ղեկավարները գոհացնելու համար:

Գոհունակութեամբ նշելով, թէ որքա՛ն լաւ ձեւով «յաջողած» է «իրականացնել իր յանձարարութիւնը»՝ Ռայս քարասրտութեամբ կը նկարագրէ «Հայոց Ցեղասպանութեան քստմնելի բանաձեւին դէմ պայքարելու» ուղղուած իր սոսկալի ջանքերը: Ան կիսատ-պռատ փորձ կ՛ընէ՝ նուազեցնելու համար իր մեղքի բաժինը՝ նշելով, որ ոչ ոք կը ժխտէ «այդ ահաւոր իրադարձութիւնները կամ ողբերգական մահը հարիւր հազարաւոր անմեղ հայերուն», բան մը, որ նոյնիսկ թուրք պաշտօնատարները կ՛ընդունին: Եթէ Ռայս տեղեակ էր, թէ ոչ ոք կը ժխտէ հայերուն զանգուածային սպանութիւնը, ապա ինք ինչո՞ւ այդպէս բուռն կերպով պայքարած է բանաձեւը տապալելու համար: Այնուհետեւ, ան թութակի պէս կը կրկնէ թրքական անիմաստ քարոզչութիւնը, թէ՝ այս հարցը պէտք է ձգել «պատմաբաններուն, եւ ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն, որոշելու համար ինչ յարմար որակում պէտք է տալ պատահածին»: Ռայս պէտք է իմանար, թէ աշխարհի հեղինակաւոր պատմաբանները արդէն իսկ յայտարարած էին, թէ հայկական ջարդերը կ՛որակուին իբրեւ ցեղասպանութիւն:

2007ին, իբրեւ արտաքին գործոց նախարար, Ռայս անգամ մը եւս պայքարեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման դէմ: Ան կը հաղորդէ, թէ ինք «աղաչած էր» Ներկայացուցիչներու տամ խօսնակ Նենսի Փելոսիին, որպէսզի վերջինս այդ բանաձեւը քուէարկութեան չդնէ, սակայն խօսնակը մերժած էր անոր խնդրանքը: Անկէ ետք Ռայս եւ պաշտպանութեան նախարար Պապ Կէյթս Սպիտակ տան առջեւ հանդէս եկած են բանաձեւին հակառակ մամլոյ յայտարարութեամբ մը: Ռայս նաեւ ապահոված է ութ նախկին նախարարներ՝ ստորագրելու համար բանաձեւին դէմ ուղղուած նամակ մը:

Ռայս հպարտութեամբ կը նշէ իր յուշերուն մէջ, թէ յաջողած է արգելափակել բանաձեւին քուէարկումը, ինչպէս որ խոստացած էր թուրքերուն: Այսպիսով, անգամ մը եւս, Ամերիկայի հիմնական բարձր արժէքներն ու վեհ սկզբունքները պաշտպանելու փոխարէն, աշխարհի ամենահզօր ազգի ԱԳ նախարարը կ՛ենթարկուի երրորդ աշխարհի լկտի երկիրի մը պարտադրանքին:

Աւարտելով այս պատմութիւնը՝ Ռայս կեղծ մեղադրանք կը հնչեցնէ Հայաստանի ղեկավարներուն դէմ՝ յայտարարելով, որ «ժողովրդավարական սկզբունքներով ընտրուած Հայաստանի կառավարութիւնը շատ քիչ հետաքրքրութիւն ունի բանաձեւի հարցով: Իրականութեան մէջ, անիկա կը փորձէ բարելաւել իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, եւ իրեն համար կարեւոր չէ այդ բանաձեւը»: Ռայս կը հակասէ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ կատարուած հրապարակային յայտարարութեան, թէ 2003ի նախագահական ընտրութիւնները չէին համապատասխաներ միջազգային չափանիշներու: Աւելին, այն ժամանակուան նախագահ Քոչարեանը չէր ընդդիմանար Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման եւ չէր փորձեր բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ: Իրականութեան մէջ, արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարած էր, որ Երեւանի մէջ Քոչարեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի նախագահը «վատ տրամադրութեան» մէջ էր, որովհետեւ Սպիտակ տունը արգելափակած էր Ցեղասպանութեան բանաձեւը:

Ռայս այժմ կը դասաւանդէ «Սթենֆըրտ» համալսարանին մէջ: Զարմանալիօրէն, Ցեղասպանութիւնը ժխտող մէկ այլ արտաքին գործոց նախկին Ճորճ Շուլց, նոյնպէս կը պաշտօնավարէ «Սթենֆըրտ»ի մէջ: Դասախօսները, ուսանողները, շրջանաւարտները եւ բարերարները պէտք է յորդորեն «Սթենֆըրտ» համալսարանի ղեկավարները, որ ցեղասպանութիւնը ժխտողները գործ չունին Ամերիկայի լաւագոյն բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւններէն մէկուն մէջ:

Ընթերցողներուն կոչ կ՛ուղղուի իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու փրոֆ. Ռայսին, 1-650-721-3390 ֆաքս-թիւով, ԱՄՆի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ուղղուած իր քստմնելի գործունէութեան համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ատրպէյճան Կը Դառնայ ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդի Անդամ, Մինչ Հայերը Կը Մնան Ձեռնածալ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ նախագահ Ալիեւ նշեց Միաւորուած ազգերու կազմակերպութենէն ներս (ՄԱԿ) իր երկրին տարած պատմական յաղթանակը: Ատրպէյճանը, առաջին անգամն ըլլաով ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընտրուեցաւ հեղինակաւոր ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ, երկու տարուան ժամկէտով:

Այս յօդուածը պիտի արծարծէ հետեւեալ երեք հարցերը.

1) Ատրպէյճան ինչպէ՞ս յաջողեցաւ ընտրուիլ նման հեղինակաւոր մարմինի մը կազմին մէջ. 2) Ատրպէյճան ի՞նչ պիտի իրագործէ իր ձեռք ձգած նոր անդամակցութեամբ. 3) Ի՞նչ միջոցներու ձեռնարկեցին հայերը՝ Ատրպէյճանի թեկնածութիւնը կանխելու համար:

Ատրպէյճանը, Հունգարիան եւ Սլովենիան կը մրցակցէին Արեւելեան Եւրոպայի տարածաշրջանին համար նախատեսուած Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ-մնայուն անդամի աթոռին համար: Ընդհանուր առմամբ, Ատրպէյճանը նման հեղինակաւոր մարմինի անդամ ընտրուելու հնարաւորութիւնը պէտք չէ ունենար, քանի որ այդ երեք երկիրներէն ամենաքիչ որակաւորում ունեցող պետութիւնն էր՝ ՄԱԿի Կանոնադրութեան պահանջները բաւարարելու առումով, միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան չնպաստելուն եւ ՄԱԿի մարմիններու աշխատանքներուն չմասնակցելուն պատճառով:

Հաւաստի աղբիւրներու համաձայն, Ատրպէյճանը յաղթահարած է իր թերութիւնները՝ ճանապարհորդական փաթեթներ եւ դրամական պարգեւներ առաջարկելով ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական օժանդակութիւն՝ տնտեսապէս թոյլ երկիրներուն՝ փոխան անոնց ձայներուն ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէջ, որ կ՛ընտրէ Անվտանգութեան խորհուրդի 10 ոչ-մնայուն անդամները: Օգտագործելով իր բոլոր լծակները՝ Ատրպէյճան ձեռք բերաւ իսլամական երկիրներու, Արաբական լիկայի, «Չէզոք պետութիւններու շարժում»ին եւ ԱՊՀ (նախկին Խորհրդային Միութեան) երկիրներուն, անոնց կարգին՝ Ռուսիոյ, աջակցութիւնը: Այնուամենայնիւ, հակառակ այս արտասովոր լոպիինկի մարտավարութեան, , երկու օր տեւողութեամբ 17 քուէարկութենէ ետք Ատրպէյճան մեծ դժուարութեամբ կրցաւ հաւաքել անհրաժեշտ ձայները, միայն այն ատեն, երբ անոր հիմնական մրցակից Սլովենիան, բողոքի ի նշան՝ հրաժարեցաւ մասնակցելէ: Սլովենիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սամուէլ Զպոկար հնչեցուց իր բողոքը առ այն, որ «իր երկիրը հաւանութիւն չի տար նման ընտրարշաւի մը կերպին»: Թէեւ ան չմանրամասնեց, այնուամենայնիւ, ան նկատի ունէր Ատրպէյճանի շռայլ նուէրներ բաշխելու գործելակերպը:

Բնականաբար, ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ դառնալով՝ Ատրպէյճան բարձրացուց իր միջազգային հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեռք բերաւ նոր միջավայր մը՝ իր անհատնում հայատեաց քարոզարշաւները իրականացնելու համար:

Այնուամենայնիւ, քիչ հաւանական է, որ Ատրպէյճանի պաշտօնատարները կարենան իրագործել իրենց կողմէ յայտարարուած նպատակը, որն է՝ Արցախի հիմնախնդիրը Խորհուրդի օրակարգին վրայ դնել: Մինսկի խումբի համանախագահներ Ֆրանսան, Ռուսիան եւ ԱՄՆն՝ Անվտանգութեան խորհուրդի «վեթօ»ի իրաւունք ունեցող մնայուն հինգ անդամներէն երեքը, բաւական յստակօրէն նշած են, որ այդ խնդիրով կը զբաղի միայն Մինսկի խումբը՝ ՄԱԿի շրջանակներէն դուրս: Հետեւաբար, Ատրպէյճանի ղեկավարները յուսախաբ ըրած կ՛ըլլան իրենց ժողովուրդը՝ անոնց վստահեցնելով, որ Անվտանգութեան խորհուրդը պիտի քննարկէ Ղարաբաղի հիմնախնդիրը: Ատրպէյճան կրնայ նաեւ մատնուիլ խիստ կնճռոտ կացութիւններու՝ ստիպուած ըլլալով դիրքորոշում ճշդել եւ քուէարկել այնպիսի վիճայարոյց խնդիրներու շուրջ, որոնք կրնան վերաբերիլ Իրանի, Իսրայէլի եւ Սուրիոյ եւ այլոց:

Մինչ Ալիեւի վարչակարգը տակնուվրայ կ՛ընէր աշխարհը, որպէսզի Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու համար պահանջուող ձայները հաւաքէ, ի՞նչ կ՛ընէին հայերը Ատրպէյճանի ջանքերուն հակազդելու համար:

Երկրէն ներս ընդդիմադիրները կը քննադատէին Հայաստանի կառավարութիւնը՝ Անվտանգութեան խորհուրդին անդամակցելու Հայաստանի թեկնածութիւնը չառաջադրելուն համար, պնդելով, որ ատիկա կը նուազեցնէ Ատրպէյճանի ձայներուն թիւը: Նման ռազմավարութիւն, սակայն, չէր կրնար բխիլ Երեւանի շահերէն, քանի որ Հայաստանը չի կրնար մրցիլ Պաքուի մեծաքանակ ընտրակաշառքի բաշխումին հետ, այլ, հակառակը, պիտի խլէր Սլովենիոյ ձայներուն մէկ մասը՝ ակամայ նպաստելով Ատրպէյճանի յաղթանակին:

Իմ նախկին յօդուածներէս մէկուն մէջ առաջարկած էի, որ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւնները, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ խորհրդակցութեամբ, նախաձեռնեն միջազգային քարոզարշաւի մը՝ Ատրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելու համար: Ես կոչ կ՛ընէի աշխարհի բոլոր հայերուն, որ դիմեն իրենց բնակութեան երկիրներու կառավարութիւններուն՝ խնդրելով, որ անոնք չաջակցին Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի թեկնածութեան:

Ցաւօք, ո՛չ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ոչ ալ սփիւռքահայ ղեկավարները նման համակարգուած ջանքերու նախաձեռնեցին: Երկու ամիս առաջ, երբ 50 երկիրներէ պատուիրակներ հաւաքուած էին Երեւան, հոն կայացող Համահայկական համաժողովին նպատակով, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները պէտք է օգտուէին այդ առիթէն, եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու անհատ գործիչներու հետ միասին մշակէին Ատրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելուն ուղղուած ռազմավարութիւն: Հետաքրքրականօրէն, համաժողովի օրակարգի թեմաներէն մէկը «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման կառուցակարգեր»ուն մասին էր: Նման քննարկումներ օգտակար են, եթէ անոնց յաջորդեն ուղիղ գործողութիւններ:

Բարեբախտաբար, հայերու համընդհանուր համակարգման գործունէութեան հիմքերը վերջերս ի գործ դրուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն: Այս նպատակով, Երեւանի մէջ քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցաւ նախնական նիստ մը: Թուրքիան արդէն յայտարարած է, որ պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը 2015 թուականին ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին անդամ դառնալու, ճիշդ այն ժամանակ, երբ հայերը պիտի նշեն Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Հարց կը յառաջանայ. «Արդեօ՞ք հայերը չորս տարի ետք աւելի լաւ կերպով պատրաստուած պիտի ըլլան հակազդելու համար Թուրքիոյ թեկնածութեան, քան էին այս տարի՝ Ատրպէյճանի թեկնածութեան հակազդելու հարցով»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ԱՄՆի Մօտ Թուրքիոյ Դեսպան Նամիք Թանի Դիմակազերծումը
Անցեալ շաբաթ բացայայտիչ պատգամ մը ստացայ Պենիամին Եաֆեթէն, որ 1976ին Թուրքիայէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հրեայ մըն է: Եաֆեթ թոշակառու փրոֆեսէօր է եւ Արիզոնայի մէջ «High Tech» ոլորտի գործարար:

Փրոֆ. Եաֆեթ խոստովանեցաւ, որ ինք վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մոլի ջատագով մը ըլլալէն վերածուած է հակաթուրք խաչակիրի մը: Ան բացատրեց, թէ սկած է «նողկալու» թուրքիայէն, երբ Հիթլերի «Մայն Քամֆ»ը (հատորը) bestseller դարձաւ այդ երկրին մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր, Եաֆեթ «1000 ու մէկ պատճառ» ունեցած է Թուրքիոյ երկերես քաղաքականութենէն զզուելուն համար: Իրականութեան մէջ այնքա՛ն զզուած էր, որ ան Անգարան տեղեկակ պահած է, թէ ինք կը հրաժարի Թուրքիոյ քաղաքացիութենէն:

Եաֆեթ իր ելեկտրոնային նամակին կցած էր 1998ին տպուած «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէկ խմբագրականը՝ «Թուրքիոյ Կործանարար Զօրավարները» խորագիրով: Խմբագրականը խստօրեն կը քննադատէր զօրավարները՝ այդ օրերու Պոլսոյ քաղաքապետ, իսկ ներկայիս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թ. Էրտողանը բանտարկելու համար: Քաղաքապետ Էրտողան պաշտօնանկ եղած էր՝ իսլամական բանաստեղծութիւն մը արտասանելուն համար: «Ն.Ե. Թայմզ» թերթի խմբագիրները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած էին այն բանին համար, որ «Թուրքիոյ քաղաքականութեան միջամտող» բռնակալ զօրավարները կը խոչընդոտեն ազատ խօսքը, կը փակեն իսլամական դպրոցները եւ կը ձերբակալեն այն գործարարները, որոնք կը ֆինանսաւորեն իսլամ գաղափարախօսութեան ծառայող քաղաքական գործիչները:

Իբրեւ Թուրքիոյ հաւատարիմ ջատագով, փրոֆ. Եաֆեթ խայթող նամակ մը յղած է «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին՝ պաշտպանելով զինուորական ատեանին կողմէ առնուած հրէշային քայլերը՝ «Բարօրութիւն» («Ռեֆահ») իսլամական կուսակցութեան դէմ, որ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (AKP) իրաւանախորդն էր:

Այնուհետեւ Եաֆեթ այդ նամակի պատճէնը ուղարկած է Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատուն՝ հպարտութեամբ տեղեկացնելով իր ծննդավայրին ի նպաստ գործած իր «սխրագործութեան մասին»: Քանի մը օրուան ընթացքին, ան շնորհակալական նամակ մը ստացած է Նամիք Թանէն, որ այդ ժամանակ «խորհրդատու եւ դեսպանատան խօսնակ»ն էր, իսկ ներկայիս՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպանը: Թան գովաբանած է փրոֆ. Եաֆեթը, նշելով, որ անոր «հակահարուածը սրամիտ, լուսամիտ եւ տրամաբանական ապացոյց է, որ կ՛անդրադառնայ հարցերուն խոր ըմբռնումով եւ ընկալումով, ինչ որ, ընդհանուր առմամբ, կը համապատասխանէ նաեւ մեր մօտեցումին»:

Փրոֆ. Եաֆեթի «Թայմզ»ին ուղարկուած նամակին ուշադիր ընթերցումը կը բացայայտէ, թէ ինչո՛ւ Նամիք Թան զայն արժանացուցած է նման շռայլ գովասանքի: Համեմատելով Էրտողանի գաղափարախօսութիւնը Նացիզմին հետ՝ Եաֆեթ մեղադրած է անոր կուսակցութիւնը՝ «ժողովրդավարութեան վերջ դնել քարոզելու»ն համար՝ նպատակ ունենալով «զայն փոխարինել իսլամական կրօնապետութեամբ»: Ան (Եաֆեթ) բացատրած է, որ «կուսակցութեան ծրագիրին ուշադիր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անոր օրակարգը Իրանի այաթոլլայի գաղափարախօսութեան ճշգրիտ պատճէնն է: Կուսակցութեան տեսութեան ուղղակի կիրառումը կը զրկէր թուրք կիները մեծ դժուարութեամբ ձեռք բերուած իրենց քաղաքացիական իրաւունքներէն. անոնք, առաջին հերթին, կը կորսնցնէին լաչակ չկրելու իրենց իրաւունքը: «Բարօրութիւն» կուսակցութիւնը, ձեւով մը՝ ամբողջատիրական, փիլիսոփայութեամբ՝ ցեղապաշտ եւ հակասեմական, իսկ էութեամբ՝ հակաժողովրդական էր: Այս ցանկը նոյնիսկ չի ներառեր միջազգային հետեւանքները այդ արտաքին քաղաքականութեան, զոր անոնք կ՛ուզէին կիրառել Թուրքիոյ նկատմամբ»:

Աւարտելով իր նամակը՝ փրոֆ. Եաֆեթ զգուշացուցած է, թէ այդ Իսլամական կուսակցութիւնը Թուրքիան դուրս պիտի ձգէր ՆԱԹՕի կազմէն, պիտի փակէր ԱՄՆի ռազմակայանները, պիտի սպառնար Իսրայէլին, պիտի միանար Լիպիային, Իրանին եւ Սուտանին եւ սատարէր «Համաս»ին ու «Հըզպալլա»ին: Եաֆեթ նոյնիսկ պահանջած է, որ «Թայմզ»ի խմբագիրները ներողութիւն խնդրեն թուրք զօրավարներէն:

Վերջին շաբթուան իր ելեկտրոնային նամակին մէջ, փրոֆ. Եաֆեթ ծաղրանքով նշեց այն հակասութիւնը, թէ նոյն Նամիք Թանը, որ 1998ին շնորհակալութիւն յայտնած էր իրեն՝ իր հակա-էրտողանական նամակին համար, այժմ կը ներկայացնէ իսլամական կառավարութիւն մը, զոր ան տարիներ առաջ այդքա՛ն արհամարհած էր:

Իսկապէս ապշեցուցիչ է այն, որ 2010 թուականին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ուաշինկթըն կը գործուղէ դեսպան մը, որ դէմ էր Էրտողանի Իսլամական գաղափարախօսութեամբ կուսակցութեան եւ կը սատարէր զայն ձերբակալած զօրավարներուն: Թէեւ հասկնալի է, որ Էրտողան անձամբ անտեղեակ էր Թանի 1998ի նամակին մասին, սակայն անհաւանական է, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ անոր վերադասուները տեղեակ չըլլային իր բանակամէտ եւ հակաժողովրդավարական դիրքորոշումներուն: Ի վերջոյ, 1982էն ի վեր Թան եղած է հմուտ դիւանագէտ, եւ մինչեւ Ուաշինկթընի մօտ դեսպան նշանակուիլը, ան Անգարայի մէջ վարած է արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալի պաշտօն:

Կը մնայ տեսնել, թէ վարչապետը ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ դեսպան Թանի դիմակազերծման: Էրտողան կրնայ ըլլալ որոշէ յանդիմանել արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, նման հակաիսլամական տեսակէտներով անձ մը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ AKP-ի կառավարութիւնը ներկայացնող դեսպանի պաշտօնին նշանակելուն համար:

Իսկապէս, դեսպան Թան կրնայ վաղաժամկէտ հեռացուիլ Ուաշինկթընէն, ինչպէս պատահեցաւ նախորդ դեսպան Նապի Սենսոյի, որ 2009ին հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, Տաւութօղլուի հետ վէճ մը ունենալէ ետք:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

96 Տարի Ետք՝ Թուրքիան Տակաւին Գին Կը Վճարէ Ցեղասպանութեան Ժխտման Համար
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գրեթէ մէկ դար անցած է, սակայն Թուրքիոյ հանրապետութիւնը շարունակ կը վարկաբեկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը յամառօրէն մերժելուն համար:

Հոկտեմբերի սկզիբը, Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի դատապարտեց Թուրքիան՝ յայտարարելով, որ 96 տարին բաւական երկար ժամանակ է, որ Անգարան ալ հաշիւի նստի իր կատարած ցեղասպանական արարքներուն հետ: Ան նաեւ սպառնաց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժել պահանջող օրէնքը ընդունիլ, եթէ Թուրքիան մօտ ապագային չճանչնայ Ցեղասպանութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի ողջամիտ խորհուրդին հետեւելու փոխարէն, Թուրքիոյ ղեկավարները հակադարձեցին՝ յարձակելով անոր վրայ եւ նախատելով անոր երկիրը:

Ստորեւ՝ թուրք ժխտողականներու կողմէ կատարուած կարգ մը յայտարարութիւններ.

- Վարչապետ Էրտողան. «Սարքոզի նախ պէտք է ինքնիր խորհուրդին հետեւի: Ան տարբեր է Ֆրանսայի մէջ, տարբեր է Հայաստանի մէջ եւ լրիւ տարբեր՝ Թուրքիոյ մէջ: Քաղաքական առաջնորդ մը չի կրնար այդքա՛ն երկերեսանի ըլլալ: Քաղաքականութիւնը ազնուութիւն կը պահանջէ: Դուք պէ՛տք է իմանաք, որ Թուրքիան այդ փոքրիկ պատառը չէ, զոր հեշտութեամբ կարելի է կուլ տալ»:

- Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու. «Ֆրանսա պէտք է դէմ յանդիման գայ իր սեփական պատմութեան հետ: Ես այսպիսի ակնարկներ կը համարեմ քաղաքական պատեհապաշտութիւն»:

- Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ. «Եթէ Սարքոզի պատմաբանի դեր ստանձնելու փոխարէն՝ աշխատէր իր երկիրը դուրս բերել տնտեսական տագնապէն, աւելի մեծ օգուտ կ՛ունենար ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ Եւրոպայի համար»:

- Ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի. «Ֆրանսայի նախագահը «կոպիտ եւ վատ դաստիարակուած» մարդ է: Մեր խորհուրդն է Սարքոզիին, որ եթէ ան կ՛ուզէ ցեղասպանութեան օրինակ մը տեսնել, ապա պէտք է ետ նայի իր պատմութեան: Ան յստակօրէն պիտի տեսնէ Ալճերիոյ մէջ իրականացուած բարբարոսութիւնները եւ պիտի նկատէ բացայայտ ու թաքուն ջարդերը Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ»:

Թուրքիոյ յարձակումները շարունակուեցին անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսարանին առջեւ ցոյցերով, ուր ցուցարարներ բռնած էին Ատոլֆ Հիթլըրի պեխերով պատկերուած Սարքոզիի դիմանկարը, եւ կ՛մբաստանէին ենթադրեալ յանցագործութիւնները, որոնք կատարուած են Ֆրանսայի կողմէ, Ալճերիոյ պատերազմին ընթացքին:

Զարմանալիօրէն, Թուրքիոյ պաշտօնատարները բաւարարուեցան նախագահ Սարքոզիի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ մեղադրական բառեր հնչեցնելով միայն: Կը բացակայէին Թուրքիոյ դեսպանի՝ արդէն սովորական դարձած յետկանչը եւ ֆրանսական ապրանքները «պոյքո»չի մատնելու սպառնալիքները: Հաջող շունը չի խածներ:

Ֆրանսայի նախագահը անվրդով մնաց թրքական պոռթկումներուն դիմաց: Երբ Փարիզ վերադարձաւ, ան նամակ մը ուղարկեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին, վերահաստատելով Հայաստանի մէջ իր կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները. «Վստահ եղէ՛ք, որ Ֆրանսան պիտի չդադրեցնէ իր յանձնարարութիւնը այնքա՛ն ժամանակ, քանի տակաւին այդ ջարդերը հարկ եղած ձեւով չեն ճանչցուած զանոնք իրականացնողներու ժառանգորդներուն կողմէ»: Նախագահ Սարկոզի շարունակեց իր խօսքը՝ ըսելով, որ «իմ պետական այցէն նախ եւ առաջ մնացած է այն խոր յուզմունքի զգացումը, զոր ապրեցայ, երբ յարգանքի տուրք մատուցեցի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մօտ, 1915ի Ապրիլ 24ին ձեր ժողովուրդին դէմ իրագործուած մահապատիժի զոհերու յիշատակին»: Երբ Ֆրանսայի նախագահը լսեց իր յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ Թուրքիոյ կատաղի արձագանգը, իր օգնականներուն ըսաւ, որ ինք չի զղջար. «Թուրքերը միշտ ատած են զիս, ուստի ատիկա մեծ խնդիր չէ»:

Այնուամենայնիւ, Ֆրանսայի խորհրդարանականներէն ոմանք վրդոված էին՝ լսելով, թէ վարչապետ Էրտողան մեղադրած է նախագահ Սարքոզին երկերեսութեամբ: Անոնք Թուրքիոյ ղեկավարին վիրաւորական բառերը ընդունեցին հեգնական բացագանչութիւններով, Ֆրանսայի խորհրդարանէն ներս:

Նախկին դեսպան Օմեր Էնկին Լիւթեմ, իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ եթէ Ֆրանսան արգիլէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը, ապա եւրոպական այլ երկիրներ եւս պիտի հետեւին իր օրինակին: Ան զգուշացուց Թուրքիոյ հանրութիւնը, որ իրադարձութիւններու նման զարգացում մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ ամեակի շեմին, կրնայ մեծ յաղթանակ մը ըլլալ հայերուն համար:

Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու ոլորտի աշխոյժ գործիչ Մուրատ Պելկէ, բացասաբար ընդունեց իր երկրի ղեկավարներուն արձագանգը: Ան խիզախօրէն մեղադրեց բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն, թէ «Մենք՝ թուրքերս, լաւ մարդիկ ենք, մենք չենք սպաններ կամ ցեղասպանութիւն չենք գործեր»: Նման յայտարարութիւններ «զրպարտութիւն» են, նշեց Պելկէ:

Մէկ այլ ականաւոր թուրք մտաւորական եւ մեկնաբան Ահմետ Ինսել, կշտամբեց վարչապետ Էրտողանը այն խօսքերուն համար, թէ նախագահ Սարքոզի պէտք է նայի Ֆրանսայի գաղութատիրական անցեալին: Ինսելը կը հետաքրքրէ այն, որ արդեօ՞ք Էրտողան իսկապէս պիտի ընդունէր Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, եթէ Ֆրանսան ընդունէր իր սեփական պատմութիւնը, եւ թէ ի՞նչ պիտի ընէր Թուրքիան, եթէ միեւնոյն առաջարկները հնչէին այլ երկիրի մը կողմէ, որ չունի իր պատմութեան մէջ մութ էջեր…: Ինսել նկատել տուաւ, որ ասիկա միեւնոյն վարչապետն է, որ յայտարարած էր, թէ Օսմանեան բոլոր արխիւները բաց են, մինչ իր կառավարութիւնը կ՛արգիլէր այս փաստաթուղթերուն տեղադրումը համացանցի վրայ:

Ինչպէս իրանցի դիւանագէտ մը վերջերս նշած էր. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դամոկլեան սուր է՝ կախուած Թուրքիոյ գլուխին»: Վաղ թէ ուշ, Թուրքիոյ իմաստուն ղեկավար մը վերջապէս պիտի հասկնայ, որ Թուրքիոյ համար Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունումը աւելի շահաւէտ է, քան անոր շարունակական մերժումը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Սարքոզին Արտասանեց «Ցեղասպանութիւն»ը. Բառ Մը, Զոր Տակաւին Չհնչեց Օպաման
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ, Հայաստան մեկնած ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի տեղեկացուց իր գլխաւոր օգնականներուն. «Ես նռնակ մը պիտի պայթեցնեմ»: Այսպիսով, ան բացայայտեց վճռականօրէն գործելու իր պատրաստակամութիւնը, եթէ Թուրքիան շարունակէ ժխտել Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ժամանելով Երեւան՝ նախագահ Սարքոզի հանդէս եկաւ համարձակ յայտարարութեամբ մը, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ հաւաքուած լրագրողներուն դիմաց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է, որ ճանչցուած է Ֆրանսայի կողմէ: Հաւաքական ժխտումը աւելի դատապարտելի է, քան անհատականը»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսան պիտի ընդունի՞ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողները պատժող օրէնք մը, Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց. «Եթէ Թուրքիան վերանայի իր պատմութիւնը, ընդունի իր պատմութիւնը՝ բոլոր մութ եւ պայծառ կողմերով, ապա Ցեղասպանութեան ճանաչումը բաւարար է: Սակայն, եթէ Թուրքիան այդ բոլորը չընէ, ապա, անկասկա՛ծ, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք աւելի հեռուն երթալ»:

2007 թուականին, երբ Սարքոզի տակաւին նախագահի թեկնածու էր, խոստացաւ պաշտպանել Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին ընդունումը: 2006ին, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ արդէն իսկ հաստատուած էր նման օրինագիծ մը: Սակայն, հակառակ իր խոստումին, նախագահ Սարքոզիի կուսակցութիւնը անցեալ Մայիս ամսուն արգելափակեց օրինագիծին ընդունումը: Թէեւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը արգիլեց Ողջակիզման ժխտումը 1990 թուականին, անիկա միեւնոյն քայլը չառաւ Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ, հակառակ անոր որ Ֆրանսան ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը 2001ին:

Ֆրանսահայերը վրդոված էին Սարքոզիի դաւաճանութենէն: Երգիչ Շարլ Ազնաւուր հրապարակաւ զգուշացուցած էր, որ ան (Սարքոզի) կրնայ 500,000 ֆրանսահայերու աջակցութիւնը կորսնցնել յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին: Անցեալ ամիս, Ֆրանսայի ՀՅԴն յայտարարեց, թէ նեցուկ պիտի կանգնի ընկերվարական Ֆրանսուա Հոլանտի՝ նախագահի հաւանական թեկնածութեան, երբ ան խոստացաւ, թէ իր կուսակցութիւնը, որ վերջերս Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ, պիտի քուէարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը արգիլող բանաձեւին յօգուտ: Հանրային կարծիքի համաձայն, Հոլանտ ներկայիս առաջատար դիրքերու վրայ կը գտնուի Սարքոզիի նկատմամբ:

Անցեալ շաբաթ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին, նախագահ Սարքոզի քանի մը կարեւոր պատգամներ փոխանցեց: Ան վստահեցուց հայերուն, որ ինք մտադիր է պահել իր նախկին խոստումը, որն է՝ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման բանաձեւը, նաեւ զգուշացուց Թուրքիան, որ դադրեցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը, եւ ընդգծեց իր դրական վերաբերմունքը՝ Արցախի հարցով հայերու դիրքորոշման նկատմամբ:

Ֆրանսայի նախագահին այցելութիւնը Կովկասի երեք հանրապետութիւններ, ակնյայտօրէն յօգուտ Հայաստանի էր, ուր ան մէկ գիշեր անցուց, մինչդեռ Ատրպէյճան եւ Վրաստան մնաց ընդամէնը երեք ժամ: Այդ երկու երկիրներուն տուած իր կարճատեւ այցով, ան պարզապէս փորձեց անկողմնակալութեան տպաւորութիւն ստեղծել:

Սարքոզիի առաջին այցելութիւնը Հայաստան լեցուն էր տօնական միջոցառումներով ու ջերմ նախաձեռնութիւններով. ան ծառ տնկեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ծաղկեպսակ զետեղեց Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրին առջեւ՝ հետեւեալ գրառումը կատարելով յուշամատեանին մէջ. «Ֆրանսան չի մոռնար». ան նաեւ նախազգուշացուց Թուրքիան, որ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մինչեւ ընթացիկ տարուան աւարտը, հայերէնով արտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը, զոր նախագահ Օպամա մերժած էր օգտագործել… մոմ վառեց Էջմիածինի մէջ, մերժեց Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութիւն, բացումը կատարեց Շարլ Ազնաւուրի՝ Արարատ լերան նայող թանգարանին եւ Հայաստանին նուիրեց Ռոտենի պատկանող թանկարժէք արձան մը:

Ի վերջոյ, աշխարհի մեծագոյն ղեկավարներէն մէկը համարձակեցաւ Թուրքիոյ լկտի ղեկավարները զգաստութեան կանչել: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու զայրացած արձագանգած է՝ ըսելով, որ Ֆրանսայի նախագահը պէտք է նայի իր երկրի գաղութատիրական անցեալին, այլ ոչ թէ պատմութեան դասեր տայ Թուրքիոյ: Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, պաղ ընդունելութիւն ցուցաբերեց Ֆրանսայի նախագահին, վերջինիս Պաքու կատարած այցին ընթացքին: Ալիեւի օգնականը յայտարարեց, որ իր երկիրը չի կիսեր Սարքոզիի կարծիքները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Տաւութօղլուի կողմէ Ֆրանսայի դէմ արտասանուած անհանդուրժողական խօսքերը կրնան Ֆրանսայի Ծերակոյտը մղել ընդունելու Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ նոր օրինագիծը:

Ֆրանսայի հայերը ներկայիս յաղթական դիրքերու վրայ են: Նախագահութեան երկու առաջատար թեկնածուներն ալ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են պաշտպանելու ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին ընդունումը, այլ նաեւ աջակցիլ այլ հայամէտ նախաձեռնութիւններու: Անկախ այն հանգամանքէն, թէ երկու թեկնածուներէն ո՛ր մէկը պիտի յաղթէ յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն, հայերը պիտի օգտուին:

Սակայն, հաշուի առնելով քաղաքական գործիչներուն չիրագործած խոստումներու երկար շարքը՝ ֆրանսահայերը պէտք չէ հաւատք ընծայեն անոնց խօսքերուն: Երկու թեկնածուներուն համար ալ պէտք է յստակ ըլլայ այն, որ հայերը կը սատարեն այն թեկնածուին, որ կ՛աջակցի Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման, մինչեւ յաջորդ Ապրիլի նախագահական ընտրութիւնները: Կատարեալ պիտի ըլլար, եթէ երկու թեկնածուներն ալ յանձնարարէին իրենց կուսակցական ծերակուտականները՝ կողմ քուէարկել այս օրինագծին՝ ֆրանսահայ համայնքին տալով հաճելի երկընտրանք մը երկու հայանպաստ թեկնածուներու միջեւ:

Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի հայերը պէտք է փոխեն իրենց աւանդական, սակայն ձախող մօտեցումը՝ աջակցիլ թեկնածուներուն՝ հաւատալով անոնց խոստումներուն ու յուսալով, որ անոնք պիտի արդարացուին ընտրութիւններէն ետք: Պէտք է ըլլայ նոր ռազմավարութիւն մը. Երբ նախագահը ընտրուի եւ խոստումները կատարէ, այն ժամանակ միայն համայնքը զայն կը պարգեւէ իր սատարումով:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Իսրայէլի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Պարագային՝ Պէտք Է Գնահատել Դոկտոր Չարնիի Ներդրումը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայերը լուրջ հիմք ունին վիրաւորուած զգալու՝ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումին համար: Անգթութիւն է այն, որ Ողջակիզումի կարգ մը զոհեր անզգայ կը գտնուին մէկ այլ ժողովուրդի մը նկատմամբ, որ նման ճակատագիր մը ունեցած է: Իսրայէլի կողմէ այդ վիրաւորական մերժումը պայմանաւորուած է Թուրքիոյ՝ իր «ռազմավարական դաշնակիցին», գոհացնելու ոչ-բարոյական ցանկութեամբ:

Իսրայէլի բազմաթիւ քաղաքացիներու նման, դոկտոր Իսրայէլ Չարնի նոյնպէս խիստ դէմ է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր երկրի կառավարութեան որդեգրած այդ ամօթալի դիրքորոշումին: Ան երկար տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ Երուսաղէմի մէջ Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ՝ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախկին նախագահը: Բազմաթիւ առիթներով, դոկտոր Չարնի արտայայտած է իր խիստ դիրքորոշումը Իսրայէլի պաշտօնատարներուն նկատմամբ՝ քննադատելով անոնց դատապարտելի կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Այս տարուան սկիզբը, Հայաստանի նախագահը դոկտոր Չարնին պարգեւատրած է նախագահական շքանշանով եւ 10,000 տոլար մրցանակով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած անոր երկարամեայ ջանքերուն համար:

Այն պատճառով, որ Երեւանի մէջ պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին դոկտոր Չարնի խօսելու հնարաւորութիւն չունեցաւ, կը փափաքիմ ներկայացնել անոր պատրաստած նկատառումներէն յատկանշական հատուածներ.

«Չափազանց անարդար, անիրաւ եւ տգեղ է ժխտել ցեղասպանութիւնը: Ատիկա վտանգաւոր է ոչ միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին, այլ նաեւ մեր մարդկային քաղաքակրթութեան համար: Ցեղասպանութեան ժխտումը ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը անգամ մը եւս նուաստացնելու զազրելի փորձ է, եւ խարազանուած ու հետապնդուած զոհ ժողովուրդի վէրքերուն՝ ցաւալի վերաթարմացում է»:

Աւելին, ցեղասպանութեան ուրացումը նաեւ բռնութեան օրինականացման մեծագոյն հաստատումն է, ցեղասպանութեան ընթացքին իրականացուած բռնի յատուկ սպանութիւններու յետադարձ արդարացումն է, ինչպէս նաեւ նոր բռնութիւններ գործելու նախազգուշացում եւ կոչ՝ միեւնոյն տուժած ազգին կամ այլ ազգի մը նկատմամբ: Իրականութեան մէջ ակնյայտ դարձած է այն, որ ցեղասպանութեան ժխտումը յաճախ ժխտողներուն կողմէ պատգամ մըն է այն մասին, թէ անոնք արդէն իսկ պատրաստ են կամ կը պատրաստուին անգամ մը եւս բռնութիւն իրականացնելու»:

«Երբեք պատահական չէ, որ (Թուրքիոյ վարչապետ) Էրտողան վերջին տարուան ընթացքին երկու առիթներով սպառնացած է Թուրքիայէն վտարել 100,000 հայեր, ինչպէս նաեւ երբեք պատահական չէ, որ Էրտողանի Թուրքիան (վարչակարգ մը, որ արտառոց կերպով մեծ ջանքեր կը գործադրէ՝ ժխտելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը) կը շարունակէ բռնութիւն գործադրել քիւրտերու նկատմամբ՝ ոչնչացնելով հազարաւոր գիւղեր, սպաննելով տասնեակ հազարաւոր մարդիկ. նաեւ, շատ յաճախ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը թոյլ չի տար անոնց գործածել իրենց մայրենի լեզուն կամ տարածել իրենց մշակոյթը»:

«Իսրայէլ կը փորձէ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճշմարտացիութեան հաշուոյն: Ես համոզուած եմ, որ այս քաղաքականութիւնը շատ սխալ է: Անշուշտ, ես չեմ հաւատար, որ ազգերը, յատկապէս փոքր ազգերը, իրենք իրենց կ՛արտօնեն չգնահատել քաղաքական իրականութիւնը եւ ապահովութեան վտանգները, այնուամենայնիւ, կը կարծեմ, որ երկարաժամկէտ կտրուածքով, պէտք է ըլլան իրապաշտ քաղաքականութեան սահմանափակումներ, եւ որ ցեղասպանութեան պատմութեան ժխտումը ընդունելի սահմաններէն դուրս պէտք է ըլլայ»:

«Ես չեմ կրնար չխօսիլ Իսրայէլի պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին: Իսրայէլ ամբողջութեամբ սխալ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու հարցով: Միեւնոյն ժամանակ, փառք Աստուծոյ, այժմ ես արդէն կրնամ ըսել, թէ Իսրայէլի մշակոյթին, լրատուամիջոցներուն եւ մեր հասարակութեան մէջ մենք յաղթած ենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճակատամարտը: Երբ քանի մը տարի առաջ չորս անձերէ բաղկացած մեր պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին փրոֆ. Եայիր Օրոն, փրոֆ. Եհուտա Պօեր, նախկին նախարար Եոսի Սարիտ եւ ես, եկաւ Հայաստան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին ծաղկեպսակ դնելու համար, մենք իսկապէ՛ս կը ներկայացնէինք Իսրայէլի հասարակութեան ստուար զանգուածը»:

«Այս պահուն մեզ տեղեկացուցին, որ Քնեսեթը կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Ընդհանուր առմամբ, Քնեսեթը այժմ Իսրայէլի պատմութեան մէջ արդէն երրորդ անգամն ըլլալով պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հնարաւոր ճանաչման հարցը: Այս քուէարկութիւններէն իւրաքանչիւրը մեր նպատակին համար որոշ յառաջընթաց կը ներկայացնէ: Իսրայէլի համակարգով, առաջարկը պէտք է վերանայուի եւ որոշուի Քնեսեթի կոմիտէին մեծամասնութեան կողմէ: Ինչպէս գիտէք, քաղաքականութիւնը դիւրին գործ չէ, եւ մեր ընդդիմադիրները նախապէս յաջողած են մեզ պարտութեան մատնել ճանաչման ճիշդ այս հանգրուանին»:

«Այս անգամ առաջարկութիւնը պիտի յանձնուի Կրթութեան հարցերով յանձնաժողովին, ինչ որ տարբեր է Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան հարցերով կոմիտէի ընթացակարգերէն, ուր առաջարկութիւնը կարելի է թաղել՝ նոյնիսկ առանց որեւէ քննարկումի եւ ոչ ոք կ՛իմանայ թէ ի՛նչ կատարուեցաւ. Կրթութեան հարցերով յանձնաժողովին մէջ քննարկումները եւ քուէարկութիւնը հրապարակային կ՛ըլլան: Մեր մօտիկ գործընկերները եւ ես մեծ յոյսեր չունինք թէ անիկա կ՛ընդունուի, սակայն ներկայիս աւելի մեծ հաւանականութիւն կայ անոր յաջողութեան, քան՝ անցեալին: Ճիշդն ըսած՝ այժմ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, որովհետեւ Թուրքիան Իսրայէլի ցոյց տուաւ իր նենգ կողմը, եւ մեզմէ շատերը պիտի ամչնան անշուշտ, եթէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կատարուի այդ պատճառով, այլ ոչ թէ այն հանգամանքին համար, որ Իսրայէլ կ՛ուղղէ երկար տարիներու իր սխալը»:

Իսրայէլացի լրագրող Ռաֆայէլ Ահրեն ճշգրտօրէն կը նշէ վերջերս հրապարակուած «Հաարեց»ի իր յօդուածին մէջ. «Եթէ Իսրայէլ մօտ ապագային ճանչնայ Թուրքիոյ կողմէ 1 միլիոն հայերու Ցեղասպանութիւնը, ապա ատիկա մեծապէս հիմնուած պիտի ըլլայ ամերիկածին գիտաշխատող Իսրայէլ Չարնիի ջանքերուն վրայ»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձը… Քսանամեայ Հանրապետութիւն, Հազարամեայ Ազգ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Համայն հայութեան համար Սեպտեմբերը տօնական ամիս է, քանի որ այդ ամիս հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան քսանամեակը: Տակաւին երկու տասնամեակ առաջ, հայերը չունէին մէկ անկախ պետութիւն: Այժմ անոնք ունին երկուքը եւ անհամբեր կը սպասեն այն օրուան, երբ երկու պետութիւնները պիտի միանան երրորդին՝ Արեւմտեան Հայաստանին՝ հաստատելով Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 2011ի Սեպտեմբեր 19էն 20, Երեւանի մէջ կազմակերպեց Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն համահայկական համաժողովը, որ համախմբած էր 50 երկիրներէ աւելի քան 500 մասնակիցներ, ներառեալ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդները: Ասիկա, իսկապէս, ամբողջ աշխարհի ականաւոր հայերու վերամիաւորումն էր:

Համաժողովը ունէր չորս հիմնական թեմաներ՝ լեզուի եւ կրթութեան հիմնախնդիրներ, երիտասարդութեան հիմնախնդիրներ, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հարցեր: Խօսնակներէն ոմանք օգտուեցան այս առիթէն, որպէսզի մատնանշեն Անկախութենէն 20 տարի ետք դեռ գոյութիւն ունեցող լուրջ բացթողումները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, իբրեւ ազգի մեծագոյն տագնապ առանձնացուց արտագաղթը. «Մեր թշնամին ուզեց Հայաստանը առանց հայերու տեսնել», նշեց ան եւ աւելցուց. «Այսօր մենք մեր ձեռքերով կը հայաթափենք Հայաստանը»: Նորին սրբութիւնը նաեւ դատապարտեց երկրին մէջ գերիշխող «կոռուպցիա»ն (փտածութիւնը-Խմբ.), որ կը պաշտպանէ «յղփացած փոքրամասնութիւնը»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յանդիմանեց պետական պաշտօնեաները տակաւին շարունակուող աղքատութեան, անգործութեան, թերաճ տնտեսութեան, ընկերային անապահովութեան, անարդարութեան, արտօնեալ քրէական խաւի սանձարձակութեան, փտածութեան եւ արտագաղթի համար: Ան նաեւ քննադատեց զանոնք, Հայ-թրքական չարաբաստիկ արձանագրութիւններէն իրենց ստորագրութիւնը ետ չվերցնելու համար:

Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ, տարածաշրջանային յանձնախումբերու գործունէութեան մասին թեմատիկ նիստի ընթացքին (զոր վարողներէն մէկը ես էի), մասնակիցները առաջարկեցին պատրաստել ցեղասպանագէտներու, օսմանագէտներու, թրքագէտներու եւ միջազգային իրաւունքի փորձագէտներու նոր սերունդ: Անոնք նշեցին, որ ժամանակն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցէն հատուցման հարցի բարձրացմանը անցնելուն, եւ պէտք է Թուրքիոյ դէմ բողոքներ ներկայացնել միջազգային եւ տեղական դատարաններու մօտ:

Հայաստանի մէջ ես ցնծութեան բազում պահեր ապրեցայ, սակայն նաեւ ունեցայ որոշ հիասթափութիւններ: Անկախութեան օրուան առթիւ զօրահանդէսը համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուէր: Զօրահանդէսին կը հետեւէր աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ կանգնած Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը կամ նստած այլուր, պստկեռասփիւռին առջեւ: Մեր քաջարի զինուորներուն անվերջ շարասիւնը եւ արդիական թանկերու, հրթիռներու, ռազմական ինքնաթիռներու եւ ուղաթիռներու տողանցքը իւրաքանչիւր հայու սիրտ կը լեցնէին արդար հպարտութեամբ, եւ կը յառաջացնէին պաշտպանուածութեան խոր զգացում, յաճախ սպառնացող մեր թշնամիներէն: Աւելի ուշ, երեկոյեան, հարիւր հազարաւոր հանդիսատեսներ ականատես եղան բարձր արհեստավարժութեամբ յատուկ լազերային ցուցադրութեան, որ Հայաստանի պատմութեան գլխաւոր դրուագները կը սփռէր Հանրապետութեան հրապարակի հանդիպակաց շէնքերու պատերուն վրայ:

Այս տարուան զօրահանդէսին առաջին անգամ ցուցադրուած տեղական արտադրութեան չորս անօդաչու օդանաւերը գրաւեցին շատերուն ուշադրութիւնը, յատկապէս, քանի որ Արցախի զինուած ուժերը վերջերս ոչնչացուցած էին ատրպեճանական անօդաչու օդանաւ մը, զոր Ատրպէյճանը գնած էր Իսրայէլէն:

Զօրահանդէսը անակնկալ մը եւս մատուցեց. կին զինուորներուն խումբը՝ գնդացիրներով, որ կամաւոր կերպով անցած էր ծառայութեան ամբողջութեամբ տղամարդոցմով կազմուած հայկական բանակին մէջ: Երթով անցաւ նաեւ կրօնական հանդերձներով զինեալ ուժերու եկեղեցական դասը:

Անկախութեան տօնակատարութիւններուն յատուկ փայլք հաղորդեցին երկու այլ իրադարձութիւններ: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ նոր մասնաշէնքը, որուն կառուցումը մեծաւ մասամբ հովանաւորած էր ռուսահայ գործարար Սերգէյ Համբարձումեանը: Այս առիթով, Միհրան Մինասեան՝ սահմանափակ միջոցներ ունեցող համեստ անձնաւորութիւն մը  Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, Մատենադարանին նուիրաբերեց աւելի քան 1000 արժէքաւոր ձեռագիրներ եւ էջեր, զորս ան մեծ դժուարութեամբ հաւաքած էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Երկրորդ կարեւոր իրադարձութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր ամսուն, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանի արդիական չափանիշներու համապատասխանող «թերմինըլ»ին բացումն էր: Նոր համալիրը կրնայ տարեկան սպասարկել մինչեւ 3.5 միլիոն ճամբորդի՝ կրկնապատկելով օդակայանին կարողականութիւնը: Այս մեծածախս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի կողմէ, որուն ղեկավարած «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան յանձնուած է օդակայանին կառավարումը:

Երկու տհաճ երեւոյթներ. Անկախութեան օրը Համահայկական համաժողովի մասնակիցներուն բաշխուած որոշ վերնաշապիկներուն (t-shirts) վրայ նկատելի էր «Պատրաստուած է Թուրքիոյ մէջ» (Made in Turkey) անակնկալի բերող պիտակը: Վերնաշապիկները զարդարուած էին «2011: Հայաստանը դու ես» լօզունգով: Շփոթի մատնուած պաշտօնեաները այս հանգամանքը բացատրեցին անով, որ վերնաշապիկները նուիրուած էին գործարարի մը կողմէ: Աւելի զարմանալին այն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին երկու նախագահները չմասնակցեցան Անկախութեան օրուան որեւէ միջոցառումի: Անկախ անկէ, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը պատճառաբանէին իրենց բացակայութիւնը, ասիկա լուրջ բացթողում մըն էր երկրի երկու նախագահներուն կողմէ, որոնք ղեկավարած են Հայաստանը Անկախութեան 20 տարիներէն 17ին ընթացքին:

Հակառակ երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներուն, բոլոր հայերը միահամուռ երդուեցան պաշտպանել եւ պահպանել իրենց հայրենիքը, ամէն տեսակի չարիքներէ, եւ ջանք չխնայել՝ ապահովելու համար Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրենց հայրենակիցներուն բարեկեցութիւնն ու բարգաւաճումը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախիջեւան Այցելութիւնը Ցոյց Կու Տայ, Թէ Ինչո՞ւ Հայերը Յետայսու Չեն Կրնար Ապրիլ Ատրպէյճանի Լուծին Տակ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սկովտիացի գիտաշխատող Սթիվըն Սիմ զեկուցած էր իր տհաճ տպաւորութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ ներկայիս գրաւուած պատմականօրէն հայկական տարածք հանդիսացող Նախիջեւան իր կատարած այցին մասին: Քանի որ Սիմի 2006 թուականի բացայայտող զեկոյցը պատշաճ կերպով չէր լուսաբանուած միջազգային մամուլով, կը փափաքիմ այս յօդուածով ներկայացնել անոր որոշ կարեւոր հայեցակէտերը:

Սիմը յայտնած է, որ ինք Նախիջեւան մտած է ինքնաշարժով, թրքական սահմանէն, եւ ուղղուած է դէպի Երնճաք հովիտի Ապրաքունիս գիւղը: Երբ այնտեղ հարց տուած է 12ամեայ տղու մը, թէ որտե՞ղ կը գտնուի գիւղի եկեղեցին, ան ցոյց տուած է դատարկ տարածք մը:

Ապա Սիմ այցելած է Պանանիյար գիւղը, որ հայերուն ծանօթ է իբրեւ Ափարանք, ուր, անոր խօսքով՝ «առնուազն մինչեւ 1970ական թուականները, գիւղին կեդրոնը բարձրադիր վայրի մը մէջ գտնուող միջնադարեան մեծ եկեղեցւոյ փլատակը կար: Այժմ նախկին եկեղեցւոյ հողին վրայ մզկիթ կառուցուած է»: Նորաշէնի մէջ, այս գիւղի հիւսիս արեւմտեան ծայրամասը, երկու հայկական եկեղեցիներ եւ գերեզմանատուն մը կային: Ան ոչ մէկ եկեղեցւոյ կամ գերեզմանատան հետքը գտաւ այնտեղ:

Նախիջեւանի մէջ, երրորդ օրը, երբ շոգեկառքով կը ճամբորդէր æուլֆա, Սիմ նկատեց æուղայի գերեզմանատան փլատակները: Ան զեկուցեց, որ տեսած է «երեք լեռնաշղթաներու վրայ սփռուած եւ քարէ սալիկներով ծածկուած բլրալանջ մը: Բոլոր գերեզմանաքարերը, առանց բացառութեան, շրջուած էին»:

Օրտուպատի մէջ Սիմ բերուեցաւ ոստիկանութեան գրասենեակ, ուր ան հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ իր այցելութեան նպատակին առնչութեամբ, եւ իր պայուսակը խուզարկուեցաւ: Ապա ան յաջորդ հանրակառքով ետ ուղարկուեցաւ Նախիջեւան քաղաք: Այնտեղէն ան ուղղուեցաւ դէպի Շուռութ, որ «միջին դարերու վերջաւորութեան փոքրիկ հայկական քաղաք մըն էր՝ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով, վանքերով, մատենադարանով եւ քանի մը տասնեակ հազար բնակիչներով»:

Քըռնա գիւղի հարեւանութեամբ տեղի հայկական եկեղեցւոյ հետքերն իսկ չկային: Նոյն իրավիճակը ունէր նաեւ Կահ գիւղը: Երբ Սիմ անցորդի մը հարցուցած է Շուռութ գիւղի եկեղեցւոյ մասին, անցորդը պատասխանած է, թէ եկեղեցին ոչնչացուած է:

Շուռութ գիւղին մէջ Սիմ դէմ յանդիման եկած է խումբ մը գիւղացիներու հետ: Երբ ան յայտնած է, որ եկած է տեսնելու հին եկեղեցին, անոնք պատասխանած են, թէ գիւղին մէջ երբե՛ք եկեղեցի չէ եղած: Հազիւ հեռացած Շուռութէն, «թաքսի»ի վարորդը ըսած է Սիմին, թէ գիւղացիները հեռաձայնած են æուլֆայի ոստիկանութիւն, եւ թէ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները հաւանաբար զինք կը սպասեն ճանապարհին:

Ոստիկանական ինքնաշարժ մը իրօք կը սպասէր Սիմը: «Ոստիկանը նստաւ «թաքսի»ի ետեւի նստարանը եւ հարցուց, թէ արդեօք տեղագրական քարտէս եւ ազգագրական գիրք կա՞յ հետս»: Երբ Սիմ պատասխանած է՝ ո՛չ, չկայ, ոստիկանը արագօրէն խուզարկած է անոր պայուսակը: æուլֆայի մէջ Սիմ դարձեալ կանչուած է ոստիկանատուն, ուր անոր պայուսակը անգամ մը եւս խուզարկուած է: Միջանցքը որոշ ժամանակ սպասելէ ետք, Սիմը տարած են քաղաքի «Արազ» հիւրանոցը: Անոր ուղեկցած են դէպի շէնքի ետին գտնուող այգին: Սիմը երեք ժամ հոն պահելէ ետք, ի վերջոյ զայն ազատ արձակած են: Սիմի պայուսակէն «հանած էին բոլոր իրերը եւ մանրամասն զննած, պարզելու համար, թէ արդեօք պայուսակը գաղտնի գրպաններ ունի՞: Ասիկա տեւեց շուրջ 15 վայրկեան, առանց որեւէ բառ փոխանակելու»:

Սիմին հարցուցած են անոր աշխատանքին մասին. որքա՞ն կը վաստակի, ո՞վ կը հովանաւորէ իր այցը Նախիջեւան եւ ինչո՞ւ ան իր սեփական միջոցները ծախսած է այստեղ գալու համար: Ոստիկանները մանրամասնօրէն ստուգած են Սիմին նօթագրութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր թուային «քամերա»ին բոլոր լուսանկարները: Անոնց ուշադրութիւնը յատկապէս գրաւած է Նախիջեւան քաղաքին մէջ առնուած լուսանկարը: «Ատիկա քարէ սալիկ մըն էր, զոր ես տեսած էի Մոմինա Հաթուն դամբարանի դիմացի այգիին մէջ, շրջապատուած խոյաձեւ գերեզմանաքարերով: Այս քարին վրայ փորագրուած էր խաչ մը, որ վեր կը խոյանար ուղղանկիւն հիմքէ մը»:

Ատրպէյճանցի պաշտօնեաները ըսած են անոր, թէ ատիկա խաչ չէ: Սիմ, իր կարգին պատասխանած է, որ ինք հայկական գիրքի մը մէջ կարդացեր է այդ եկեղեցւոյ մասին: Անոնք ջղագրգիռ պատասխանած են. «Ատիկա ճիշդ չէ: Այնտեղ սուտ գրուած է: Տեսէ՛ք, հայերը միշտ կը ստեն, կը խաբեն բոլորը»: Անոնք նաեւ նշած են, թէ «Նախիջեւանի մէջ որեւէ հայկական եկեղեցի գոյութիւն չէ ունեցած, երբե՛ք: Այստեղ երբե՛ք ոեւէ հայ չէ ապրած, հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ եկեղեցիներ գոյութիւն ունեցած են այստեղ»: Ատրպէյճանցիները ըսած են Սիմին. «Կը կարծենք, որ դուք Ատրպէյճանի հանրապետութիւն չէք եկած բարի նպատակներով»:

Սիմը նշած է, որ Նախիջեւանի իր տհաճ տպաւորութիւնները «որոշ առումով լոյս սփռեցին այն կեցուածքին վրայ, զոր ատրպէյճանցիները ունին հայերու եւ հայկական ամէն ինչի նկատմամբ»: Զեկոյցին մէջ յստակ կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ Արցախի հայերուն համար անհնար է ատրպէյճանցիներու կեղեքիչ լուծին տակ կրկին ապրիլը: Եթէ սկովտիացի այցելուին հետ այսպիսի վատ ձեւով վարուած են, ապա պատկերացուցէք, թէ ատրպէյճանցիները ոքրա՛ն աւելի վատ ձեւով վարուած են իրենց հայ հպատակներուն հետ, մինչեւ Արցախի ազատագրումը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու Մասին Գիրքը Կը Զգուշացնէ Արաբները՝ Թուրքերու Բարեկամութեան Հաւատալէ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ ես պատիւն ունեցայ ներկայ գտնուելու Պէյրութի մէջ Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ հովանաւորուած յատուկ միջոցառումի մը, որ նուիրուած էր արաբերէնի թարգմանուած իմ նոր գիրքի հրատարակութեան՝ «Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններ. Ճշմարտութի՞ւն, Թէ Խաբէութիւն»ի: Գիրքը այդ 43 խմբագրականներուն ժողովածուն է, զորս վերջին երեք տարիներուն ընթացքին գրած էի վիճայարոյց արձանագրութիւններուն մասին, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ:

ՀԴՅի ներկայացուցիչներէն Ճորճ Սապունճեանի ողջոյնի խօսքերէն ետք, Դամասկոսէն գիրքի թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ Սասունեանի խմբագրականները կը բացայայտեն Թուրքիոյ կառավարութեան կեղծ մտադրութիւնը: Ան յիշեցուց լսարանին, որ հեղինակը բանակցութիւններու սկիզբէն իսկ ճշգրտօրէն կանխատեսած էր, թէ Թուրքիան պիտի չյարգէ արձանագրութիւնները վաւերացնելու եւ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու իր խոստումը:

Դոկտ. Արիսեանէն ետք ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի նախկին նախարարներէն Միշել Էտտէն, որ երկարաշունչ եւ խորիմաստ յառաջաբան մը գրած էր գիրքին համար: Նախարար Էտտէ իր աշխատանքային բազմամեայ ու վաստակաւոր ասպարէզին մէջ զբաղեցուցած է հինգ նախարարական պաշտօններ՝ Լիբանանի տարբեր կառավարութիւններու ժամանակաշրջանին: Իր խօսքին մէջ, վաստակաւոր նախարարը գովաբանեց հեղինակի վերլուծական խմբագրականները, գովեստի խօսքեր ուղղեց Լիբանանի հայկական համայնքին՝ երկրի զարգացման գործին մէջ անոր դերակատարութեան համար, եւ մեղադրեց Թուրքիան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելուն համար: Իր ելոյթի աւարտին, նախարար Էտտէ անակնկալ յայտարարութիւն մը կատարեց՝ անձամբ 25 հազար տոլար նուիրելով Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբին:

Երեկոյի ելոյթները արաբերէն լեզուով էին՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ լսարանէն ներս ներկայ էին արաբ հիւրեր, իսկ գիրքը հասցէագրուած էր արաբ ղեկավարներուն եւ զանգուածներուն: Ես ալ իմ խօսքիս մէկ մասը արաբերէնով արտասանեցի: Զարմանալիօրէն տակաւին կը յիշէի արաբերէնը, զոր սորված էի աւելի քան 40 տարի առաջ, Պէյրութի Սոֆիա Յակոբեան Ազգ. վարժարանին մէջ:

Ես մատնանշեցի ներկաներուն, որ Թուրքիոյ կառավարութեան իրական մտադրութիւնն էր Արձանագրութիւններուն շահարկումը՝ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով, որպէսզի վերջինս հրաժարի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հետապնդելէ, նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու տպաւորութիւն ստեղծելով՝ զգուշացնել միւս երկիրները, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգները, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով չխոչընդոտեն այս շինծու հաշտեցումը եւ նոր ձեւաւորուող յարաբերութիւնները:

Աւելին, Թուրքիան կը ցանկար, որ Հայաստանը վերադարձնէ Արցախը Ատրպէյճանի տիրապետութեան ու հրաժարի ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի պահանջէն, ինչպէս նաեւ կը փորձէր թուլացնել հայկական համընդհանուր միասնականութիւնը՝ Սփիւռքը հայրենիքին դէմ լարելով:

Յամառօրէն հետապնդելով Հայաստանէն լրացուցիչ զիջումներ կորզելու իր նպատակը՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը շարունակեց մերժել վաւերացումը Արձանագրութիւններուն, զորս ստորագրած էր երկու տարի առաջ: Չյաջողելով հասնիլ իր նպատակներուն՝ Թուրքիոյ խորհրդարանը անցեալ ամիս Արձանագրութիւններուն դէմ վերջնական քայլի մը ձեռնարկեց՝ զանոնք հանելով իր օրակարգէն, արհեստական պատճառաբանութիւններ կատարելով:

Հայ-թրքական արձանագրութիւններու սոյն ձախողած փորձը յստակ ցոյց կու տայ, որ Թուրքիան շահագրգռուած է աւելի շատ դիւանագիտական խաղեր խաղալով եւ կեղծ տպաւորութիւն ստեղծելով, քան խաղաղ համագոյակցութեան ձգտելով: Թուրքիոյ պարտաւորութիւնները կարելի չէ լուրջ համարել, իսկ միջազգային պայմանագիրներու վրայ տեղ գտած Թուրքիոյ ղեկավարներու ստորագրութիւնները որեւէ արժէք չեն ներկայացներ:

Խօսքիս մէջ ես մատնանշեցի, որ թուրք առաջնոդները հանդէս կու գային որպէս պաղեստինցիներու պաշտպան եւ բոլոր արաբներուն ու իսլամներուն աջակից, մինչդեռ կը շարունակեն մնալ Իսրայէլի ռազմավարական գործընկերը եւ ծածուկ ձեւով անոր հետ կը կիսեն արաբական երկիրներուն ամէնէն զգայուն ռազմական գաղտնիքները:

Իմ կարծիքով, պաղեստինցիներուն եւ ընդհանրապէս արաբներուն պէտք չէ Թուրքիոյ նոր Օսմանեան ղեկավարներուն կեղծ բարեկամութիւնը: Արաբները պէտք է պահանջեն, որ իրենց սեփակա՛ն ղեկավարները, այլ ոչ թէ օտարերկրեայ կեղծաւոր առաջնորդները պաշտպանեն իրենց ազգային շահերը:

Մենք վերջերս ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիան կը սատարէր Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ մէջ տիրող բռնատիրական համակարգերուն, մինչեւ վերջին պահը, երբ այդ երկիրներուն բռնատէրերը տապալեցան: Ասիկա իրական բարեկամութիւն չէ՛: Ասիկա բացայայտ պատեհապաշտութիւն է:

Քանի որ արաբները եւ հայերը՝ երկուքն ալ, կրած են սարսափելի տառապանքներ ու դաժանութիւններ Օսմանեան լուծին տակ, ուստի կարելի չէ դիւրութեամբ յիմարացնել զանոնք՝ կեղծաւոր թուրքերու բարեկամական արարքներով: Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածները օգտուած են արաբներու հիւրընկալութենէն՝ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ երախտապարտ են ատոր համար: Առանց նման մարդասիրական միջամտութեան, շատ աւելի հայեր զոհ կը դառնային:

Ելոյթի աւարտին, իմ երախտագիտութիւնս յայտնեցի նախարար Միշել Էտտէին, գիրքիս համար ոգեշնչող յառաջաբան գրելուն համար, նաեւ դոկտ. Նորա Արիսեանին, որ երկար ժամեր յատկացուցած է այս, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իմ նախորդ գիրքը անգլերէնէն արաբերէն թարգմանելուն համար: Շնորհակալութիւն յայտնեցի նաեւ Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբի երեկոյին ծրագիրը «Ազդակ» թերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպելու համար, ինչպէս նաեւ «Համազգային»ի տպագրատան՝ գիրքը հրապարակելուն համար: Ապա առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանին եւ անոր պատկանող «Փիւնիկ» հիմնադրամին, գիրքին թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը հովանաւորելուն համար: Ծրագիրի վերջաւորութեան, գիրքին մակագրուած օրինակները բաժնուեցան հիւրերուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Թուրքիան Չի Կրնար Խուսափիլ Ամերիկայի Արդարադատութենէն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան Ճօ Լուիս իր արագաշարժ հակառակորդին օր մը զգուշացուցած էր

ըսելով. «Կրնաս վազել, սակայն չես կրնար պահուըտիլ»: Միեւնոյն նախազգուշացումը հիմա կարելի է ընել Թուրքիոյ կառավարութեան ու անոր երկու մեծ դրամատուներուն:

Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, երբ երեք ամերիկահայեր ԱՄՆի դաշնակցային դատարանին մէջ դատ բացին (հայց ներկայացուցին) ընդդէմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, Կեդրոնական եւ «Ziraat» դրամատուներէն պահանջելով միլիոնաւոր տոլարի փոխհատուցում: Թուրքիոյ կառավարութիւնը անտեսեց իր դէմ եղած մեղադրանքները՝ յայտարարելով, որ իբրեւ գերիշխան պետութիւն, օտար դատարաններ լիազօրութիւն չունին իր դէմ դատ բանալու: Դատ բացող ամերիկահայերը կը պահանջէին 64 միլիոն տոլարի փոխհատուցում՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Ատանայի իրենց կալուածներու բռնագրաւման համար: Հայցուորները նաեւ քանի մը միլիոն տոլար եւս կը պահանջէին վարձավճարի եւ տոկոսավճարի համար, որ ԱՄՆի կառավարութիւնը վճարած է Թուրքիոյ՝ վերջին 60 տարիներուն հայկական հողերու վրայ գտնուող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող «Ինճիրլիք» օդանաւային խարիսխի օգտագործման համար:

Նկատի ունենալով, որ դատ բանալու առաջին քայլերէն մէկը մեղադրուող կողմին դատական փաստաթուղթերու օրինակներու տրամադրումն է, երեք ամբաստանեալները իրաւական փաստաթուղթերը ստանալէ խուսափելու համար յօրինեցին զանազան պատրուակներ՝ դատավարութիւնը յետաձգելու կամ խափանելու նպատակով: Իբրեւ հետեւանք, դատ բացողներու փաստաբանները վերջին ինն ամիսներու ընթացքին ստիպուած էին արտասովոր միջոցներու դիմելու՝ դատական փաստաթուղթերը թուրք մեղադրեալներուն յանձնելու համար:

Զարմանալի է, որ դատական փաստաթուղթերու տրամադրումը խանգարելուն  ուղղուած բոլոր ջանքերէն ետք, 2011 Յունիս 1ին, Կեդրոնական դրամատունը եւ «Ziraat» դրամատունը դիմեցին դատարան՝ դատը դուրս նետելու պահանջով՝ պնդելով որ իրենք չեն ստացած մեղադրական փաստաթուղթերը:

2011ի Օգոստոս 2ին ԱՄՆ դաշնակցային դատարանի դատաւոր Տոլի Ճին մերժեց թուրքերու պահանջը՝ հաւաստիացնելով, որ դատ բացողներու ներկայացուցիչները «քանի մը անգամ փորձած են փաստաթուղթերը յանձնել դրամատուներու Նիւ Եորքի գրասենեակներուն: Չկարենալով դրամատան շէնք մուտք գործել եւ մէկ անգամ ալ «Ziraat» դրամատան կողմէ սխալ տեղ ուղարկուելէ ետք՝ դատական կատարածուները դատական ծանուցագիրներու եւ բողոքի օրինակները թողած են շէնքի պահակներուն մօտ: Դատ բացողներու փաստաբանները այնուհետեւ թղթատարով ուղարկած են լրացուցիչ օրինակներ դրամատուներէն իւրաքանչիւրին՝ համապատասխան հասցէներով»:

Դատաւորը որոշում կայացուց, որ իրաւական փաստաթուղթերը պատշաճօրէն ներկայացուած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ հրահանգեց թրքական ամբաստանեալ կողմերուն իրենց պաշտպանական նիւթերը դատարան ներկայացնել մինչեւ 2011ի Օգոստոս 19ը:

Դատ բացողներու իրաւաբանները Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դատական փաստաթուղթերը յանձնելու ատեն գտնուեցան շատ աւելի մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման, քան Նիւ Եորքի երկու դրամատուներու գրասենեակներուն թուղթերը հասցնելու ընթացքին: 2011ի Յունուար 26ին, բողոքի անգլերէն եւ թրքերէն տարբերակները ուղարկուած էին Անգարա՝ արդարադատութեան նախարարութեան, ըստ Հաագայի միջազգային համաձայնագիրի պահանջներուն: 2011ի Մարտ 1ին, Թուրքիան դատ բացողներու փաստաբաններուն գրաւոր յայտնեց, որ ինք կը մերժէ ընդունիլ դատական փաստաթուղթերը՝ յայտարարելով, որ այս դատը ոտնձգութիւն է Թուրքիոյ «ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան դէմ»:

Սպառելով բոլոր միջոցները՝ 2011ի Ապրիլ 14ին դատ բացողներու փաստաբանները փաստաթուղթերը ներկայացուցին ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութիւն, խնդրելով, որ անոնք պաշտօնապէս ներակայացուին Թուրքիոյ կառավարութեան: 2011ի Յունիս 20ին, ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատ յարուցողներուն տեղեկացուց, որ դիւանագիտական խողովակներով փաստաթուղթերը փոխանցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան:

Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը փոխանցած փաստաթուղթերուն կցեց «դիւանագիտական նո»չ մը՝ զգուշացնելով Թուրքիոյ կառավարութիւնը, որ ԱՄՆի օրէնքով «դատավարութեան պատասխանող կողմը պէտք է ներկայացնէ հայցին իր պատասխանը՝ ծանուցումը ստանալէն 60 օրերու ընթացքին կամ պատրաստ պէտք է ըլլայ ընդունելու հայցուորի օգտին հեռակայ կարգով կայացուած վճիռը»: ԱՄՆի դեսպանատունը պնդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կատարէ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրական պահանջները կամ պատրաստ ըլլայ  «հայցուորի օգտին կայացուած վճիռին»:

2011ի Օգոստոս 29ին, սահմանուած 60 օրեայ ժամկէտը լրացած ըլլալով եւ Թուրքիոյ կողմէ ոչ մէկ պատասխան ստանալով, ամերիկահայ հայցուորներու փաստաբանները խնդրեցին դաշնակցային դատարանէն՝ վճիռ կայացնել ընդդէմ Թուրք պատասխանողներուն:

«Վաթան» թերթը անցեալ շաբաթ յայտնեց, որ թրքական երկու դրամատուները, լրջօրէն անհանգստանալով ԱՄՆի դաշնակցային դատարանին չպատասխանելու հետեւանքով քանի մը միլիոն տոլար կորսնցնելու վտանգէն, շտապեցին փաստաբան վարձել եւ խնդրեցին ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2011ի Սեպտեմբեր 19ը՝ պատասխան ներկայացնելու համար:

Եթէ Սեպտեմբեր 19ին թուրք պատասխանողները չներկայանան դատարան, դաշնակցային դատաւորը կրնայ որոշում կայացնել, հեռակայ կարգով, հայցուորի օգտին եւ հրահանգել, որ ԱՄՆի մէջ գտնուող իրենց կալուածները վճիռի արժէքին համաչափ առգրաւուին եւ վերադարձուին ամերիկահայ հայցուորներուն:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը այլեւս չի կրնար խուսափիլ Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին հասցուցած հսկայական վնասներու պատասխանատուութենէն: Ժամանակն է, որ Թուրքիան դիմագրաւէ իր ահռելի ոճիրներու երկարամեայ պատմութիւնը եւ կատարէ համապատասխան հատուցում:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Թրքական Հինցած Նոյն Խաղը՝ Խոստումներ Տալ, Գովեստի Արժանանալ, Սակայն Ոչինչ Ընել
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ թուրք ղեկավարները դիմեցին նոր խորամանկութեան մը՝ փորձելով իրենց երկրին բազմիցս ճնշուած փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կեղծ վեհանձնութեամբ դրական տպաւորութիւն թողել միջազգային հանրային կարծիքին վրայ:

Անցեալ շաբաթ վարչապետ Էրտողան ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, իբր թէ՝ պէտք է վերադարձուէին քրիստոնեայ ու հրէական համայնքներու հիմնարկութիւններուն կամ բարեգործական կազմակերպութիւններուն պատկանող հարիւրաւոր կալուածներ: Ներկայիս Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ գոյութիւն ունի 162 նման հիմնարկութիւն (վագըֆ):

Տակաւին 1936 թուականին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը պահանջեց, որ ոչ-մահմետական բոլոր հիմնարկութիւնները յայտարարագրեն իրենց սեփական կալուածները: 1974ին, Թուրքիոյ դատարանները ապօրինաբար այս հիմնարկութիւններէն խլեցին 1936էն ետք ձեռք բերուած կալուածները եւ նոյնիսկ մինչ այդ անոնց պատկանող գոյքին որոշ մասը: Անցեալ շաբթուան որոշումը հիմնարկութիւններէն պահանջեց 12 ամսուան ընթացքին կառավարութեան ներկայացնել անոնցմէ առգրաւուած գոյքը (այժմ միլիառաւոր տոլարի արժողութեամբ), ներառեալ՝ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, մանկատուներ եւ գերեզմանատուներ: Եթէ եւ երբ խորհրդարանը ընդունի որոշումը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի կա՛մ վերադարձնելու առգրաւուած գոյքը, կամ ալ փոխհատուցում վճարելու այն գոյքին դիմաց, զոր վաճառուած է երրորդ անձերու: Յատկանշական է, որ այս որոշումը չի տարածուիր Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հայերէն եւ այլ փոքրամասնութիւններէն առգրաւուած հարիւր հազարաւոր սեփական կալուածներուն վրայ:

Նախքան իր փոքրամասնութիւններուն հանդէպ «բարի» կամ «արդար» վերաբերմունքին համար Թուրքիոյ ղեկավարութեան շնորհակալութիւն յայտնելը, անհրաժեշտ է պրպտել Անգարայի դրդապատճառները եւ հնարաւոր հետագայ քայլերը:

Թէեւ Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը առաջարկուած որոշումը խորհրդարանին կողմէ վաւերացնելու համար անհրաժեշտ ձայները ունի, այնուամենայնիւ, պէտք չէ զարմանալ, եթէ այս «առատաձեռն» առաջարկը զգալիօրէն թուլանայ՝ անով ընդգրկուած գոյքի քանակին եւ տեսակին, ինչպէս նաեւ ընթացիկ արժէքին առումով, այդ սահմանափակումներուն համար ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մեղարդրելով: Փոքրամասնութիւններու հիմնարկութիւններուն առգրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին Էրտողանի նախկին խոստումները, մխուելով «դիւանակալական (bureaucratic) շինծու դժուարութիւններուն մէջ»՝ երկարատեւ ձգձգումներէ ետք՝ չեն իրականացած:

Ամենայն հաւանականութեամբ, թուրք պաշտօնատարները որոշեցին արձակել այս որոշումը, միայն երբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարեց հայկական եւ յունական հիմնարկութիւններու կողմէ ներկայացուած գոյքային քանի մը մեծ հայցեր: Ակնյայտօրէն, Թուրքիան չի կրնար կորսնցնել նմանատիպ հարիւրաւոր հայցեր: Թուրքիոյ բարեգործական կազմակերպութիւններու վարչակազմի ղեկավար Ատնան Էրթեմ «Սապահ» թերթին յայտնած է, որ ոչ-մահմետական հիմնարկութիւններու հետ հարցերը ներքին ձեւով լուծելով՝ կառավարութիւնը կը խուսափի վճարելէ աւելի մեծ գումարներ, ներառեալ՝ վնասի հատուցում եւ դատական ծախսեր, եթէ Եւրոպական դատարանին մէջ գործերը վնասեն: Էրթեմ նշած է, որ կան թիւով 370 առգրաւուած գոյքեր, որոնք պէտք է վերադարձուին փոքրամասնութիւններու հիմնարկութիւններուն:

Գումար խնայելէն աւելի կարեւորը այն է, որ Թուրքիան կրնայ խուսափիլ դատական հարիւրաւոր գործեր վնասելու խայտառակութենէն, որ պիտի վարկաբեկէ իր համբաւը աշխարհի աչքին, մանաւանդ այն ժամանակ, երբ անիկա կը փորձէ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան: Աւելին, Թուրքիան արդէն իսկ քարոզչական մեծ յաջողութեան հասած է՝ կալուածներ վերադարձնելու լոկ խոստում տալով: Միջազգային լրատուամիջոցները Թուրքիոյ այս «վեհանձն» արարքին լուրը փայլքով ներկայացուցին՝ նախքան փոքրամասնութիւններուն գոյքի որեւէ կտորի վերադարձուիլը: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Թուրքիան այս նոր որոշումը դարձնէ քարոզչութեան գործիք՝ ընդդէմ ԱՄՆ քոնկրեսականներու կողմէ վերջերս ներկայացուած՝ Եկեղեցական գոյքերը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու պահանջքին:

Նմանապէս, պէտք չէ զարմանալ, եթէ թուրք ղեկավարները անամօթաբար պահանջեն, որ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները փոխադարձ բարիկամեցողութիւն ցուցաբերեն Թուրքիոյ նկատմամբ: Պէտք է յիշեցնել թուրք պաշտօնեաներուն, որ առգրաւուած գոյքը վերադարձնելով՝ անոնք բարեգործութիւն չէ, զոր կ՛ընեն կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար: Այսպիսի անտեղի երախտագիտութիւն կը նմանի այն բանին, որ կողոպտուած անձը շնորհակալութիւն յայտնէ այն գողին, որ անձնասիրական պատճառներով, որոշած է վերադարձնել անկէ գողցած գոյքին մէկ փոքր մասը:

Թէեւ թրքական մամուլը շտապեց բնութագրել Էրտողանի որոշումը իբրեւ՝ «պատմական» եւ «յեղափոխական», այնուամենայնիւ, գործնականապէս՝ այդ որոշումը նուազ կիրառելի է, քան Լոզանի համաձայնագիրով Թուրքիոյ կառավարութեան ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք աւելի մեծ պաշտպանութիւն կ՛ապահովեն երկրի հայ, յոյն եւ հրեայ փոքրամասնութիւններուն՝ միջազգային օրէքնի հովանիին ներքոյ: Մինչ ներքին օրէնքները որեւէ ժամանակ կրնան փոխուիլ, Թուրքիոյ միջազգային պայմանագիրի պարտաւորութիւնները չեն կրնար սահմանափակուիլ կառավարութեան որոշումով: Վախնալով իրենց կեանքը վտանգելէ՝ ոչ-մահմետական համայնքներէն ոչ մէկը համարձակած է բողոք ներկայացնել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կամ միջազգային ատեաններ, հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ յաջորդական բոլոր կառավարութիւնները խախտած են Լոզանի պայմանագիրին դրոյթները՝ 1923ին անոր վաւերացումէն ի վեր:

Իմ խորհուրդը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն՝ ետ չվերցնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած իրենց դատական պահանջները, մինչեւ չստանան իրենցմէ առգրաւուած գոյքերը կամ անոնց համապատասխան նիւթական հատուցումներ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Դեսպան Ռիքարտոնէ Ի Վերջոյ Կ՛ընդունի. Թուրքիոյ Մէջ Եկեղեցիներուն Մեծ Մասը Չի Գործեր
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ կողմէ հազարաւոր քրիստոնէական եկեղեցիներու սրբապղծութիւնը եւ ոչնչացումը քօղարկելուն

համար սուր քննադատութեան արժանանալէն ետք, նախագահ Օպամայի կողմէ Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆի դեսպանի պաշտօնին նշանակուած Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ ինքզինք հակասեց անցեալ շաբաթ՝ ընդունելով այն փաստը, որ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915 թուական գործող եկեղեցիներուն մեծ մասը այսօր չի գործեր:

Դեսպան Ռիքարտոնէ հերքեց իրեն կողմէ վերջերս տարածուած թրքական ապատեղեկատուութիւնը, գիտակցելէ ետք, որ իր թեկնածութիւնը վերջին 12 ամիսներուն ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով կրնար մերժուիլ ծերակուտականներու կողմէ:

Մէկ տարի առաջ, երբ նախագահ Օպամա նշանակեց Ռիքարտոնէն Թուրքիոյ մօտ դեսպանի պաշտօնին, ծերակուտական Սեմ Պրաունպեք (Հ.-Քենսաս) «կասեցում» դրաւ անոր թեկնածութեան դիմաց՝ մեղադրելով թեկնածուն անով, որ ան շատ դրական վերաբերմունք ունեցած է նախագահ Մուպարաքի բռնապետական վարչակարգին նկատմամբ, Եգիպտոսի մէջ իր ծառայութեան ժամանակ: Այնուհետեւ, Օպամա շրջանցեց Ծերակոյտին կողմէ հաստատման գործընթացը եւ զայն նշանակեց Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆի դեսպանի պաշտօնին, երբ Քոնկրեսը արձակուրդի մէջ կը գտնուէր: Եթէ մինչեւ տարեվերջ Ծերակոյտը չհաստատէ Ռիքարտոնէի թեկնածութիւնը, ապա անոր լիազօրութիւնները կը դադարեցուին եւ ան ստիպուած կ՛ըլլայ վերադառնալ Ուաշինկթըն:

Օգոստոս 2ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ ելոյթ ունենալու ընթացքին, դեսպան Ռիքարտոնէ շարունակ կ՛արդարացնէր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ վարուող ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը՝ այս անգամ հանդէս գալով իբրեւ մէկ այլ բռնատիրական վարչակարգի խօսնակ:

Դեսպան Ռիքարտոնէ ինքզինք աւելի վատ կացութեան մէջ ձգեց, երբ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի (Դ.-Նիւ Ճըրզի) գրաւոր հարցումներուն կեղծ յայտարարութիւն մը ըրաւ, այն մասին, թէ մինչեւ 1915 թուական, Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը այսօ՛ր ալ կը գործէ:

Դեսպանին այս սուտը մեծ աղմուկ բարձրացուց ամերիկահայ համայնքին մէջ: Կրօնական առաջնորդները՝ զայրացած, նամակներ ուղարկեցին արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, սուր կերպով քննադատելով Ռիքարտոնէի կեղծ յայտարարութիւնը: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը պահանջեց, որ ան հերքէ, սրբագրէ իր կեղծ յայտարարութիւնը եւ ներուղութիւն խնդրէ ատոր համար: Անցեալ շաբթուան յօդուածիս մէջ, ես կոչ ըրի ծերակուտականներուն՝ մերժելու անոր թեկնածութիւնը:

Մտահոգուելով, որ իր (նշանակման) հաստատումը լրջօրէն վտանգուած է՝ դեսպան Ռիքարտոնէ անցեալ շաբաթ հանդէս եկաւ մէկ նոր յայտարարութեամբ՝ մասնաւորապէս հակասելով իր նախորդ սխալ յայտարարութիւնը:

Ահա այն հարցումը, զոր ծերակուտական Մենենտեզ ուղղած էր.

«Ձեր կարծիքով, աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներէն, որոնք գործած են մինչեւ 1915 թուական, այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին, մօտաւորապէս քանի՞ հատը տակաւին այսօր կը գործէ իբրեւ եկեղեցի»:

Դեսպան Ռիքարտոնէի առաջին պատասխանը. «Մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը տակաւին կը գործէ իբրեւ եկեղեցի: Մեծ կարեւորութիւն ունեցող եկեղեցիներէն մաս մը վերածուած է թանգարանի: Միւսները՝ կա՛մ կարելի չէ վերանորոգել, կա՛մ վերածուած են մզկիթներու՝ չօգտագործուելու պատճառով»:

Դեսպան Ռիքարտոնէի նոր պատասխանը. «Ձեր արտօնութեամբ, ես կը ցանկանայի յստակացնել իմ կողմէ ըսուածը եւ ուղղել զայն: Մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը այլեւս չի գործեր որպէս եկեղեցի: Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքին ներկայացուցիչները կը յայտնեն, որ 1915 թուականին եւ մինչ այդ գործած 200-250 եկեղեցիներու մէջ քրիստոնեաները կրնան պատարագ մատուցել, առնուազն տարին մէկ անգամ: Բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ անոնք չեն կրնար պատարագ մատուցել ամէն շաբաթ, ինչ որ պայմանաւորուած է հոգեւորականներու պակասով եւ տեղի քրիստոնէական փոքրաթիւ բնակչութեամբ: Մեծ կարեւորութիւն ունեցող որոշ եկեղեցիներ կը գործեն իբրեւ թանգարաններ, իսկ միւսները՝ կա՛մ վերածուած են մզկիթներու, կա՛մ կ՛օգտագործուին այլ նպատակով: Ուրիշներ ալ կա՛մ չեն վերանորոգուիր, կամ կրնայ ըլլալ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են»:

Թէեւ դեսպան Ռիքարտոնէի նոր պատասխանը որոշ չափով աւելի ճշգրիտ է, այնուամենայնիւ, ատիկա տակաւին չի բացայայտեր ամբողջ ճշմարտութիւնը: Ահա՛ թէ ինչու.

- Անոր կողմէ նշուած «Թուրքիոյ մէջ գործող 200-250 եկեղեցիներ»ուն թիւը չափազանցուած է:

- Անոր յայտարարութիւնը, թէ՝ «Բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ չեն կրնար պատարագ մատուցել ամէն շաբաթ, ինչ որ պայմանաւորուած է հոգեւորականներու պակասով եւ տեղի քրիստոնէական փոքրաթիւ բնակչութեամբ», մոլորեցուցիչ է: Իրական պատճառը այն բանին, որ բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ կարելի չէ պատարագ մատուցել, այն է, որ անոնք վերածուած են մզկիթներու, թանգարաններու, ախոռներու կամ պահեստներու, եթէ պարզապէս՝ չեն ոչնչացուած արդէն:

Մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ աւելի քան 4000 քրիստոնէական եկեղեցիներ գործած են Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915:

- Աւելի քան 2000 հայկական եկեղեցի՝ բոլոր յարանուանութիւններուն պատկանող (շուրջ 2000 Հայ առաքելական եկեղեցի, 200 Հայ կաթողիկէ եկեղեցի եւ 150 Հայ աւետարանական եկեղեցի).

- Աւելի քան 2000 Յունական ուղղափառ եկեղեցի.

- Աւելի քան 100 Ասորական եկեղեցի

- Պուլկարական, ռուսական, վրացական եւ ղպտի քանի մը եկեղեցի:

Այս 4000 եկեղեցիներէն միայն 178 եկեղեցի (5 տոկոսէն նուազ) տակաւին կը գործէ այսօր Թուրքիոյ մէջ. անոնք հիմնականին մէջ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ:

- 52 հայկական եկեղեցի. անոնցմէ 40ը կը պատկանի Հայոց պատրիարքութեան (34ը՝ Պոլիս, 6ը՝ այլ շրջաններու մէջ). Պոլսոյ մէջ երկու Հայ աւետարանական եկեղեցիներ եւ տասը հատ Հայ կաթողիկէ եկեղեցի.

- 87 Յունական ուղղափառ եկեղեցի (74ը՝ Պոլիս, 13ը՝ այլ շրջաններ).

- 20 Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցի (12ը՝ Պոլիս, 8ն՝ այլ շրջաններ).

- 14 Ասորական եկեղեցի.

- Այլ յարանուանութիւններու 5 եկեղեցի:

Դատապարտելի է Օսմանեան իշխանութիւններուն եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ քրիստոնէական հազարաւոր եկեղեցիներու ոչնչացումը մեղմացնելու՝ դեսպան Ռիքարտոնէի ամօթալի փորձը: Նկատի ունենալով այս եւ բազմաթիւ այլ հարցերու կապակցութեամբ անոր կեղծ եւ խուսափողական պատասխանները՝ անոր պէտք չէ արտօնել Միացեալ Նահանգները ներկայացնել Թուրքիոյ մօտ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ծերակուտականները Պէտք Է Մերժեն Նախագահ Օպամայի Առաջարկած Թուրքիոյ Դեսպանի Թեկնածուն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախագահ Օպամա այս օրերուն բազմաթիւ խնդիրներ կը դիմագրաւէ: Անցեալ տարուան վերջաւորութեան, երբ ծերակուտականները ընդդիմացան անոր կողմէ դեսպանի պաշտօնի համար առաջադրուած թեկնածուներէն մի քանիին՝ ներառեալ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի թեկնածուին, նախագահը դիմեց շատ հազուադէպ օգտագործուող մարտավարութեան մը՝ դեսպանները նշանակելով առանց Ծերակոյտին համաձայնութեան, քանի տակաւին Քոնկրեսը արձակուրդի մէջ է:

Ի տխրութիւն նախագահ Օպամայի, հարցի լուծման անոր այս ոչ աւանդական մօտեցումը կրնայ շատ կարճ կեանք ունենալ: Եթէ մինչեւ այս տարուան վերջաւորութեան Ծերակոյտը չհաստատէ անոր՝ «արձակուրդի ժամանակ կատարած նշանակումները», այս դեսպանները ստիպուած պիտի ըլլան լքել իրենց պաշտօնները եւ խայտառակուած տուն վերադառնալ:

Նախագահ Օպամայի կողմէ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի պաշտօնին համար առաջադրուած թեկնածուն՝ դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ, Օգոստոս 2ին կը գտնուէր Ուաշինկթըն՝ տեսնելու համար, թէ արդեօ՞ք Ծերակոյտի Արտաքին գործերու յանձնաժողովը կը հաստատէ իր նշանակումը: Յանձնաժողովին դիմաց իր ելոյթին ընթացքին թրքական քարոզչութիւն կատարելով՝ ան իր դէմ լարեց բազմաթիւ ծերակուտականներ: Երբ խօսքը գնաց Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու դատապարտելի քաղաքականութեան, Կիպրոսի բռնագրաւման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման, դեսպանը տուաւ շարք մը խուսափողական եւ կասկածելի պատասխաններ:

Ի պատասխան ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի հարցումին, թէ արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգները երբեք ուրացած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դեսպան Ռիքարտոնէ կրկնեց իր խեղճօրէն անգիր կատարած բառերը. «Ես համաձայն եմ նախագահ Օպամայի բնութագրմին՝ «Յեծ Մեղեռն»ին (Yedz Meghern), ինչպէս իրենք հայերը կ՛անուանեն…»: Դժբախտաբար, ան սխալ արտասանեց «Մեծ Եղեռն» բառը՝ շրջելով երկու բառերուն առաջին տառերը, փաստելով, որ ինք ոչ մէկ գաղափար ունի, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը: Եթէ ան իսկապէս կը ցանկար հայերէն բառ գործածել, կրնար պարզապէս ըսել «ցեղասպանութիւն»:

Ծերակոյտի Արտաքին գործերու յանձնաժողովը դարձեալ նիստ պիտի գումարէ Սեպտեմբերին, քննարկելու համար Ռիքարտոնէի թեկնածութիւնը, Օգոստոս 12ի լսումէն ետք ծերակուտականներու կողմէ ներկայացուած հարցումներուն անոր գրաւոր պատասխանները ուսումնասիրելէ ետք: Մենք յաջողեցանք ձեռք բերել անցեալ շաբաթ դեսպան Ռիքարտոնէի պատասխանները՝ ծերակուտական Մենենտեզի վեց հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին վարչապետ Էրտողանի «մենատիրական միտումներուն», քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելուն, Կիպրոսէն իր զօրքերը հանելու շուրջ Թուրքիոյ մերժումին, թրքական դրամատուներու կողմէ Իրանի նկատմամբ ԱՄՆի պատժամիջոցներու շրջանցման, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով ԱՄՆի կողմէ վարուող քաղաքականութիւնը:

Դեսպան Ռիքարտոնէ խուսափեցաւ պատասխանելէ իրեն տրուած գրեթէ բոլոր հարցումներուն: Ան ամբողջական պատասխան տուաւ միայն մէկ հարցումի, որով ինքզինք մեծ խնդիրի մէջ ձգեց՝ ակնյայտօրէն կեղծ յայտարարութիւն ընելով:

Ծերակուտական Մենետեզ. «Ձեր կարծիքով, մինչեւ 1915 թուական այսօրուան Թուրքիոյ տարածքին գործած աւելի քան 2000 քրիստոնէական եկեղեցիներէն մօտաւորապէս քանի հատը տակաւին այսօր կը շարունակէ գործել իբրեւ եկեղեցի»:

Դեսպան Ռիքարտոնէ. «Մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը դեռ կը գործէ իբրեւ եկեղեցի: Մեծ կարեւորութիւն ունեցող եկեղեցիներէն քանի մը հատը վերածուած է թանգարանի: Միւսները կ՛ամ չեն վերանորոգուիր, կամ ալ վերածուած են մզկիթներու, չօգտագործուելու պատճառաւ»:

Սա պարզապէս անհաւատալի պատասխան էր փորձառու դեսպանի մը կողմէ, որ հիանալի գիտելիքներ ունի Թուրքիոյ մասին, քանի որ քանի մը անգամ ծառայած է այդ երկիրին մէջ եւ սահուն թրքերէն կը խօսի: Ռիքարտոնէի խնդիրը այն է, որ ինք չափազանց մտերմացած է Թուրքիոյ հետ: Մէկ տարի առաջ, ծերակուտական Սեմ Պրաունպաք «կասեցում» դրաւ դեսպան Ռիքարտոնէի թեկնածութեան դէմ՝ մեղադրելով զայն Գահիրէի մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, «եգիպտացի իր դիւանագէտ գործընկերներուն դիրքորոշումներն ու կեցուածքները արագօրէն որդեգրելուն մէջ»:

«Հաշուի առնելով այս հարցերը՝ ես համոզուած չեմ, որ դեսպան Ռիքարտոնէ ներկայիս Թուրքիոյ մօտ դեսպանի ճիշդ թեկնածու է», գրած էր ծերակուտական Պրաունպաք 2010ի Օգոստոս 16ին, արտ. գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ուղղուած իր նամակին մէջ:

Դեսպան Ռիքարտոնէ այժմ նոյն սխալը կը գործէ Թուրքիոյ մէջ իր նոր պաշտօնով: Ան պարզապէս դարձած է Թուրքիոյ կառավարութեան խօսափողը, եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական ներկայացուցիչը Անգարայի մէջ: Դժբախտաբար, ծերակուտական Պրաունպաք այլեւս Ծերակոյտի անդամ չէ, որպէսզի դարձեալ «կասեցում» դնէ դեսպան Ռիքարտոնէի թեկնածութեան դիմաց, սակայն պէտք է գտնուին այլ ծերակուտականներ, որոնք նոյնը պիտի ընեն, վստահ ըլլալու համար, որ ԱՄՆ դեսպանը կը ներկայացնէ ԱՄՆի շահերը արտերկիրի մէջ, եւ ոչ թէ կը կատարէ հիւրընկալող երկիրին յանձնարարութիւնները:

Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել դեսպան Ռիքարտոնէի անիմաստ ու կեղծ պնդումները, թէ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1915 թուական գործող քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը տակաւին կը գործէ իբրեւ եկեղեցի: Իրականութիւնը ճիշդ հակառակն է: Քրիստոնէական եկեղեցիներէն միայն քանի մը հատը Թուրքիոյ մէջ այսօր տակաւին կը գործէ իբրեւ եկեղեցի, առանց հաշուի առնելու Պոլսոյ մէջ հայկական, յունական եւ ասորիական քանի մը տասնեակ եկեղեցիները: Դեսպան Ռիքարտոնէի կողմէ եկեկեցիները մզկիթի կամ թանգարանի վերածումը արդարացնելու գռեհիկ փորձը, մեծ վիրաւորանք է բոլոր քրիստոնեաներուն:

Դեսպան Ռիքարտոնէ ակնյայտօրէն ինքզինք որակազրկեց Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնին նշանակուելու գծով: Ծերակուտականներէն մէկը կամ միւսը պէտք է «կասեցում» դնէ անոր թեկնածութեան դէմ, որպէսզի թոյլ չտայ անոր նոր վնասներ պատճառել Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Օպամայի Անվստահելիութիւնը Կը Խանգարէ Ցեղասպանութիւնը Կանխարգիլելու Իր Նախաձեռնութիւնը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Եթէ Նախագահ Օպամա չվերընտրուի երկրորդ շրջանի համար, ապա այդ բանին համար Օպաման պէտք է

մեղադրէ միայն ինքզինք: Ճիշդ է, որ Օպամային ժառանգութիւն մնացին Պուշի վարչակազմին կողմէ նախաձեռնուած պատերազմները Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ, ինչպէս նաեւ քայքայուած տնտեսութիւնը, սակայն ան ոչ միայն չյաջողեցաւ երկիրը դուրս հանել այդ ճահիճէն, այլեւ որոշ առումներով՝ խնդիրները ա՛լ աւելի խորացուց:

Թերեւս նախագահ Օպամայի ամենամեծ ձախողութիւնը՝ ամերիկեան հասարակութեան յոյսերուն ու սպասելիքներուն ի դերեւ հանելն էր. թէեւ շատ քաղաքական գործիչներ պարբերաբար կու տան խոստումներ, որոնք չեն կատարուիր, ընտրողները վստահեցան այս իւրայատուկ նախագահի հաւաստիացումներուն, թէ՝ «Այո՛, մենք կրնանք» ընել «փոփոխութիւն»ը:

Ցաւօք, պաշտօնը ստանձնելէն շատ չանցած, նախագահ Օպամա ապացուցեց, թէ ինք նոյնպէս անսկզբունք քաղաքական գործիչ մըն է՝ չյարգելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու իր լուրջ խոստումը եւ օգտագործելով անբարոյ բառախաղեր, որոնց համար ի՛նք անձամբ անցեալին խստօրէն մեղադրած էր իր նախորդները: Ան նաեւ չկատարեց հարիւրաւոր այլ հարցերու կապակցութեամբ տուած իր խոստումները՝ վտանգելով իր վստահելիութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ իր ժողովրդականութիւնը մեծ անկում ապրեցաւ:

Կորսնցնելով իրենց վստահութիւնը նախագահ Օպամայի նկատմամբ՝ ամերիկացիները այլեւս լուրջ չեն վերաբերիր անոր հետ, նոյնիսկ, երբ ան կը փորձէ ճիշդ քայլեր կատարել: Անցեալ շաբաթ, ան հրապարակեց զանգուածային վայրագութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու մասին կարեւոր «նախագահական հրամանագիր»ը՝ յանձնարարելով 120 օրուան ընթացքին ստեղծել «Վայրագութիւնները կանխարգիլելու միջնախարարական խորհուրդ»: Այս նորաստեղծ խորհուրդի կազմին մէջ, այլոց շարքին պէտք է ընդգրկուին նաեւ ԱՄՆ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներառեալ՝ փոխնախագահը, արտաքին, պաշտպանութեան, գանձապետարանի եւ ներքին անվտանգութեան հարցերու նախարարները, գլխաւոր դատախազը, Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատուն, Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան, Ազգային ապահովական խորհուրդի եւ Պաշտպանութեան հետախուզութեան վարչութեան տնօրէնները:

Այս հրամանագիրով, նախագահ Օպամա կը նշէ, թէ «Զանգուածային վայրագութիւնները եւ ցեղասպանութեան կանխարգելումը Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան գերագոյն հարցն է եւ բարոյական գերագոյն պատասխանատուութիւնը»: Ան յայտարարեց. «Պատմութիւնը մեզ սորվեցուցած է, թէ մեր ցանկութիւնը՝ տեսնելու աշխարհ մը, ուր պետութիւնները պարբերաբար չեն ջարդեր քաղաքացիներ, յաջողութեան չի հասնիր առանց համաձայնեցուած եւ համակարգուած ջանքի»: Նախագահ Օպամային պէտք է յիշեցնել փիլիսոփայ Ճորճ Սանթայեանի իմաստուն խօսքերը. «Անոնք, որոնք չեն կրնար յիշել անցեալը, դատապարտուած են զայն կրկնելու»: ԱՄՆի պաշտօնեաները ինչպէ՞ս կրնան ապագայի ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու որեւէ արժանահաւատ քայլ առնել, եթէ կը մերժեն ճանչնալ անցեալի ցեղասպանութիւնները:

Որպէսզի այս «Զանգուածային վայրագութիւններ»ու հարցերով գերատեսչութիւնը վստահութիւն ձեռք բերէ, նախագահ Օպաման պէտք է նախ վերջ տայ Ցեղասպանութեան հետ քաղաքական խաղեր խաղալուն, ճանչնայ նախկին «զանգուածային վայրագութիւնները» եւ համապատասխան դասեր քաղէ անոնցմէ: Այլապէս, անոր նոր հրամանագիրը պիտի դառնայ պարզապէս իր վատ վարկանիշը բարձրացնելու մէկ այլ ճարպիկ հնարք:

Ի դէպ, նախագահ Օպամա բաւական ճիշդ բաներ ըսաւ իր հրամանագիրին մէջ, երբ մէջբերեց զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեանց պատմական օրինակներ. «Ողջակիզումէն վաթսուն տարիէ եւ Ռուանտայէն 17 տարիէ ի վեր, Միացեալ Նահանգները տակաւին չունի զանգուածային վայրագութիւնները եւ ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու եւ անոնց արձագանգելու համար համապարփակ քաղաքականութիւն եւ համապատասխան միջգերատեսչական կառոյց»: Հետաքրքրական է այն, որ նախագահ Օպաման սկսաւ ցեղասպանութեան պատմական վկայակոչումը Ողջակիզումէն՝ խուսափելով յիշատակելէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը: Եթէ Միացեալ Նահանգները լուրջ է զանգուածային վայրագութիւններուն եւ ցեղասպանութեանց դէմ պայքարելու հարցով, ապա պէտք է նախ հրաժարի քաղաքական նկատառումներով պատմական փաստերը հերքելէն եւ խեղաթիւրելէն:

Իր հրամանագիրով նախագահ Օպամա առաջարկեց, որ կայանալիք միջնախարարական խորհուրդը հաշուի առնէ արտաքին գործոց նախկին նախարար Մատլեն Ք. Օլպրայթի եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Ուիլեըմ Քոհենի կողմէ նախագահուող՝ Ցեղասպանութեան կանխարգելման հարցերու յանձնախումբին առաջարկութիւնները: Ասիկա մեծ սխալ է, քանի որ այս երկու պաշտօնատար անձերը նամակ ուղարկած էին Քոնկրեսին՝ դէմ արտայայտուելով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման: Ինչպէ՞ս կրնան ցեղասպանութիւն ժխտողները ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու համար ճիշդ ուղղութիւն տալ: Այս երկու նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաները կորսնցուցած են ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ որեւէ յայտարարութիւն կատարելու բարոյական իրաւունքը:

Նախագահ Օպամա անցեալ շաբաթ նաեւ ընդունեց հռչակագիր մը, որով կ՛արգիլէ Միացեալ Նահանգներ մուտքը այն անձերուն, որոնք մասնակցած են քաղաքացիներու դէմ «համատարած կամ շարունակական բռնութիւն»ներու եւ իրականացուցած «պատերազմական յանցագործութիւններ, մարդկութեան դէմ ոճիրներ կամ մարդու իրաւունքներու այլ լուրջ խախտումներ»:

Ահա նախագահին վերոյիշեալ երկու նախաձեռնութիւններուն կապակցութեամբ իմ համեստ առաջարկութիւնները.

1- Քանի որ Ցեղասպանութեան զոհերու յետնորդները ունին իւրայատուկ զգայնութիւն՝ զանգուածային բռնութեանց գործողութիւններուն կապակցութեամբ, նախագահ Օպամա պէտք է «Վայրագութիւններու կանխարգելման միջնախարարական խորհուրդ»ի կազմէն ներս նշանակէ այդ տուժած խումբերէն մէկական անդամ, առնուազն՝ խորհրդատուական ձայնի իրաւունքով.

2- Ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու համար, նախագահ Օպամա պէտք է արգիլէ Միացեալ Նահանգներ մուտքը ոչ միայն այն անձերուն, որոնք մասնակցած են մարդու իրաւունքներու հսկայական խախտումներու, այլեւ՝ ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն, որովհետեւ հերքումը ցեղասպանութեան գործընթացին վերջին քայլն է, եւ հետագայ ցեղասպանութիւններ գործելու՝ արտօնագիրը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Էրտողան Ակամայ Կը Բացայայտէ Թուրքիայէն Հայկական Հողային Պահանջները
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ, Հայաստանի նախագահին դէմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թ. Էրտողանի կողմէ

բարձրացուած աղմուկը նպաստեց Թուրքիայէն հայկական հողային պահանջները միջազգային հանրութեան ներկայացնելուն:

Խեղաթիւրելով եւ չափազանցելով նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Յուլիս 23ին Ծաղկաձորի մէջ խումբ մը աշակերտներու հարցումներուն տրուած պատասխանները՝ Էրտողանը «մրջիւնէն փիղ սարքեց»: Ամէն ոք, որ կը կարդայ Հայաստանի նախագահին իսկական բառերը, հազիւ թէ հաւատայ, որ անոնք կրնային պատճառ ըլլալ Էրտողանի բերանին փրփրալուն:

Արարատ մարզի Շահումեան միջնակարգ դպրոցէն Գրիգոր Համբարձումեանը հարցուց նախագահ Սարգսեանին. «…Ինձ հետաքրքրում է՝ մեզ սպասո՞ւմ է ապագայ, որը յիշեցնելու է Պաթումի պայմանագիրը, որի ժամանակ մի գերմանացի դիւանագէտի վկայութեամբ՝ մեզ Սեւանում լողալու տեղ թողեցին, սակայն չորանալու տեղ չթողեցին, թէ՞ ապագայ, որը մեզ կը վերադարձնի Արեւմտեան Հայաստանը՝ Արարատով հանդերձ»:

Նախագահ Սարգսեանը հանգիստ պատասխանեց. «Այդ ամբողջը կախուած է քեզնից եւ քո սերնդից: Իմ սերունդը, կարծում եմ, իր առջեւ դրած պարտականութիւնը կատարեց, երբ 90ական թուականների սկզբներին անհրաժեշտ էր մեր հայրենիքի հատուածներից մէկը՝ Ղարաբաղը, պաշտպանել թշնամիներից, մենք կարողացանք դա անել… Ուզում եմ ասել, որ իւրաքանչիւր սերունդ իր պարտականութիւնն ունի, եւ այդ պարտականութիւնը պէտք է կարողանայ կատարել ու՝ լաւ կատարել: Եթէ դու եւ քո հայրենակիցները ջանք ու եռանդ չխնայէք, եթէ ձեզնից աւագներն ու ձեզնից կրտսերները ձեզ նման վարուեն, մենք ունենալու ենք աշխարհի լաւագոյն երկրներից մէկը: Հաւատա՛, որ շատ դէպքերում՝ հողի չափերով չէ երկրի կշիռը որոշւում. երկիրը պէտք է լինի ժամանակակից, երկիրը պէտք է լինի անվտանգ, լինի բարեկեցիկ, եւ սրանք այն պայմաններն են, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս ցանկացած ժողովրդի՝ նստել աշխարհի յայտնի, ուժեղ, ճանաչուած ժողովուրդների կողքին: Բոլորս մեր պարտքը պէտք է կատարենք, բոլորս պէտք է լինենք ակտիւ, պէտք է լինենք աշխատասէր, կարողանանք բարիք ստեղծել: Իսկ մենք դրան կարող ենք հասնել, շատ հանգիստ կարող ենք հասնել, եւ մէկ անգամ չէ, որ պատմութեան ընթացքում հասել ենք դրան: Ես դրանում չեմ կասկածում եւ ուզում եմ, որպէսզի դու էլ չկասկածես: Մենք մի ժողովուրդ ենք, որ, այո՛, փիւնիկի պէս միշտ յառնում ենք»:

Նախագահին եւ երիտասարդ աշակերտի մը միջեւ այս պարզ զրոյցը հունէն հանեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները: Երկու երկիրներուն լրագրողները կը փորձէին մէկը միւսը գերազանցել իրենց ջղագրգիռ արձակումներով Հայաստանի վրայ՝ մեղադրելով նախագահ Սարգսեանը «Արարատ լեռը եւ Արեւելեան Թուրքիան գրաւելու հարցով հայ երիտասարդները դրդելուն համար»: Վիրաւորական արտայայտութիւններ տեղացին Հայաստանի նախագահին վրայ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի, փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչի, նախարար Էկեմեն Պաղըշի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ: Ամբոխները հրահրելու նպատակով, Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան ցոյցեր, որոնց ընթացքին հրկիզուեցաւ նախագահ Սարգսեանի պատկերը:

Ապշեցուցիչ էր այն, որ Էրտողան համարձակութիւն ունեցաւ նախագահ Սարգսեանէն ներողութիւն պահանջելու: Ներկայիս, Իսրայէլի, Գերմանիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներէն ներողութիւն պահանջելու հարցով՝ Թուրքիոյ վարչապետը կը պարտուի 3-0 արդիւնքով: Էրտողան պէտք չէ շունչը պահած սպասէ Հայաստանի ներողութիւն խնդրելուն: Նախքան այսպիսի անտրամաբանական պահանջք ներկայացնելը, Թուրքիոյ ղեկավարները պէտք է նախ ներողութիւն խնդրեն Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու ոճիրին համար եւ վերադարձնեն հայկական գրաւուած բոլոր տարածքները, ներառեալ՝ Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արարատ լեռը, ինչպէս առաջարկեց հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ յարգանքի արժանի այս խորագիտակ ուսանողը, որ պէտք է օրինակ ծառայէ երիտասարդ սերունդին համար:

Ի՞նչն էր թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն զայրոյթին իսկական պատճառը: Արդեօք Էրտողանի թարգմանի՞չն էր վատը, թէ պարզապէս՝ իր մտադրութիւնները: Հաւանաբար վերջին տարբերակն է: Ան իր յիմար խօսքերը յայտնեց անցեալ շաբաթ Պաքուի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ՝ կանգնած նախագահ Ալիեւի կողքին: Էրտողան հաւանաբար կ՛ուզէր տպաւորել իր «կրտսեր եղբայրը» իր հակահայկական մոլուցքով եւ միջազգային հանրութեան կեղծ պատճառաբանութիւններ ներկայացնելով՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններու հարցով իր խօստումը չպահելուն եւ Հայաստանի հետ սահմանը չբանալուն համար: Թերեւս ան կը փորձէր չափազանց կոշտ ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի ոեւէ պաշտօնատար անձ այլեւս չակնարկէ Թուրքիայէն տարածքային պահանջներուն:

Այս դրուագը կը վկայէ, որ Հայաստանին պարտուողական արձանագրութիւններ պարտադրելու միջոցով պատմական անարդարութիւնները թաքցնելը՝ վերջ չի դներ զոհ դարձած ժողովուրդի արդարացի պահանջներուն: Հայ-թրքական հակամարտութիւնը չի կարգաւորուիր, այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ վերականգնած հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Արդարութիւն հայցելը բոլո՛ր հայերուն՝ ներկայի եւ գալիք սերունդներուն խնդիրն է: Խաղաղութիւն պիտի չըլլայ Թուրքիոյ համար, առանց հայերուն նկատմամբ արդարութեան:

Այս տպաւորիչ ուսանողին եւ նախագահ Սարգսեանին երախտապարտ ըլլալէ բացի, հայերը պէտք է նաեւ շնորհակալ ըլլան վարչապետ Էրտողանին՝ իր ջղագրգիռ եւ սուր արձագանգին համար, որ օգնեց հրաւիրելու միջազգային մամուլի եւ համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը՝ հայկական տարածքային պահանջներուն վրայ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Քոնկրեսի Յանձնաժողովը Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ՝ Եկեղեցիներուն Կալուածները Քրիստոնեաներուն Վերադարձնելու
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամերիկեան Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յուլիս 20ին ընդունած է խիստ

ձեւակերպումներ պարունակող որոշում մը՝ պահանջելով, որ Թուրքիան բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնէ անոնց «օրինական սեփականատէրերուն»:

43 կողմ եւ 1 դէմ ձայնով, Քոնկրեսի նշեալ յանձնախումբը համապարփակ յաւելուած ընդունած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան Օտարերկրեայ յարաբերութիւններու Լիազօրման որոշումին մէջ՝ կոչ ընելով «ԱԳ նախարարին, որ Թուրքիոյ ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ այլ պաշտօնեաներու հետ պաշտօնական բոլոր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին նշէ, թէ Թուրքիան պէտք է»՝

1) Վերջ դնէ ամէն տեսակի կրօնական խտրականութեան.

2) Թոյլ տայ, որ քրիստոնէական եկեղեցիներու կալուածներուն օրինական սեփականատէրերը կրօնական արարողութիւններ իրականացնեն եւ ընկերային ծառայութիւններ մատուցեն.

3) Օրինական տէրերուն վերադարձնէ քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրեր, նաեւ վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ կրօնական այլ կալուածներ, ներառեալ՝ արուեստի գործերը, ձեռագիրները, զգեստները, անօթները եւ այլ իրեր.

4) Քրիստոնէական եկեղեցիներու կալուածներու հոգեւոր եւ աշխարհական օրինական սեփականատէրերուն արտօնէ վերանորոգել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ կրօնական այլ գոյքեր:

Հակառակ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպանին, թրքական եւ ատրպեճանական կազմակերպութիւններուն եւ Անգարայի կողմէ ներգրաւուած ու լոպիինկ իրականացնող այլ կազմակերպութիւններուն մեծ ջանքերուն, Յանձնախումբին գրեթէ բոլոր անդամները, ներառեալ՝ Թուրքիոյ ամենաջերմ աջակիցները, քուէարկեցին սոյն օրինագիծի օգտին՝ Թուրքիան մատնելով ջախջախիչ պարտութեան: Միակ բացասական ձայնը տուաւ Քոնկրեսի անդամ Ռոն Փօլը՝ իր մեկուսացուած ըլլալու գաղափարախօսութեան եւ ոչ թէ Թուրքիոյ աջակցութեան պատճառով:

Այս գրեթէ միաձայն քուէարկութիւնը զիս չզարմացուց, քանի որ ես երկար ժամանակէ ի վեր, կ՛առաջարկէի նման օրինագիծի մը ընդունումը՝ քաջ իմանալով, որ Քոնկրեսի անդամները չէին կրնար դէմ կանգնիլ կրօնքի ազատութեան գաղափարին: Քոնկրեսի յանձնախումբի բոլոր 15 անդամները, որոնք ելոյթ ունեցան նիստին ընթացքին, արտայայտեցին իրենց դրական վերաբերմունքը այս օրինագիծին կապակցութեամբ: Ահաւասիկ անոնց նկատառումներէն որոշ հատուածներ.

- Քոնկրեսի անդամ Հաուըրտ Պըրմըն (Դ., Քալ.), որ առաջարկեց այս օրինագիծը Քոնկրեսի անդամ Տէյվիտ Սիսիլինի (Դ., Ռոտ Այլընտ) հետ միասնաբար, նշեց. «Մենք կը ցանկանք, որ Թուրքիան վերադարձնէ բռնագրաւուած եկեղեցիները քրիստոնեայ համայնքներուն եւ առնուազն փոխհատուցում վճարէ այդ եկեղեցիներուն համար, զորս հնարաւոր չէ վերականգնել… այս ոլորտին մէջ անոնց (թուրքերուն) արարքները երկար տարիներու ընթացքին… եղած են բարբարոսական»:

- Քոնկրեսի անդամ Պրատ Շըրմըն (Դ., Քալ). «Այս օրինագիծը հրատապ անհրաժեշտութիւն է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գողութիւնը, սրբապղծութիւնը եւ քրիստոնէական հնագոյն եկեղեցիներու ու սրբավայրերու նկատմամբ անտարբերութեան հետեւանքով քրիստոնէական ժառանգութեան համընդհանուր վերացումը կանխելու համար»:

- Քոնկրեսի անդամ Տեն Պըրթըն (Հ., Ինտիանա)՝ Թուրքիոյ ամենաջերմ աջակիցներէն մէկը. «Ես կողմ եմ օրինագիծի ընդունման: Ես կողմ եմ կրօնի ազատութեան եւ յոյս ունիմ, որ այս օրինագիծը կ՛ընդունուի»:

- Քոնկրեսի անդամ Ճերըրտ Քանըլի (Դ., Վըրճինիա)՝ Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ հարցերով յանձնախումբի համանախագահ. «Կրօնի ազատութիւնը ամերիկեան փիլիսոփայութեան մէջ սկզբունք է, եւ անիկա ամերիկեան մեր հիմնական արժէքներէն է: Ես մտադիր եմ կողմ քուէարկել»:

- Քոնկրեսի անդամ Էտ Ռոյս (Հ., Քալ.)՝ առաջարկուած օրինագիծին հիմքը հանդիսացող թիւ 306 բանաձեւի ներկայացնողներէն մէկը. «Թուրքիան կը համարուի աշխարհի մէջ կրօնի ազատութիւնը լայնամասշտապօրէն խախտող երկիրներէն մէկը… Ուստի մենք կը յորդորենք Թուրքիան վերադարձնել այս կրօններէն բռնագրաւուած եկեղեցիներուն ամբողջ կալուածը, որ, անկեղծ ըսելով՝ գողցուած էր»:

- Քոնկրեսի անդամ Էլիըթ Էնկըլ (Դ., Նիւ Եորք). «Թուրքիան ՆԱԹՕի դաշնակիցներէն է եւ մենք քաջատեղեակ ենք ատոր: Կը ցանկանայի, անկեղծ ըսած, որ անոնք աւելի շատ վերաբերէին իբրեւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից, քան կ՛ընեն վերջերս: Անոնք իսկապէս ճանապարհէն շեղած են… Անոնց արտաքին գործոց նախարարը որդեգրած է Իսլամիզմի քաղաքականութիւն եւ հեռացած է Եւրոպական Միութենէն, Արեւմուտքէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, ինչպէս նաեւ շատ վատ վերաբերած է (Կազայի) նաւատորմին, Իսրայէլին եւ այլ բաներու նկատմամբ»:

ԱՄՆի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան, իր երկրին համար աննպաստ այս որոշումին ընդունումը անպարկեշտօրէն վերագրեց «ծայրայեղական հայերուն»: Ան մոռցած կը թուի ըլլալ, որ թրքական կառավարութիւնը ամէն տարի միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ լոպիինկ իրականացնող կազմակերպութիւններուն՝ Քոնկրեսի անդամներուն վրայ ազդելու համար, եւ որ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի 44 անդամներէն 43ը, ներառեալ՝ Թուրքիոյ վստահելի աջակիցները, հնարաւոր չէր որ քանի մը «ծայրայեղական հայերու» գրպանը ըլլային:

Օրինագիծի ընդունումէն ետք թուրք ղեկավարները հանդէս չեկան յայտարարութեամբ՝ իրենց ամօթալի ձախողութիւնը ծածկելու համար: Զարմանալիօրէն, Հայաստանի կառավարութիւնը եւս ո՛չ մէկ մեկնաբանութիւն ըրաւ: Օպամայի վարչակազմը նոյնպէս լուռ է եւ զերծ մնացած է բացայայտ ջանքեր ցուցաբերելէ՝ օրինագիծին ընդունումը կանխելու համար, նկատի առնելով Քոնկրեսի բոլոր կողմերուն միահամուռ դրական վերաբերմունքը սոյն հարցին կապակցութեամբ:

Թէեւ հայերը, ասորիները ու ամերիկայի յոյները յաղթած են առաջին առճակատումը, սակայն անոնք տակաւին չեն յաղթած վերջնական մարտը: Լիազօրման մասին օրինագիծը, սոյն յաւելուածին հետ միասին, պէտք է հաստատուի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին կողմէ: Այսպիսի օրինագիծ մը պէտք է ընդունուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ: Այնուհետեւ, երկու Տուներուն միացեալ յանձնաժողովը պէտք է փորձէ համատեղել երկու տարբերակները: Թուրք լոպիինկը մասնակիցները եւ Օպամայի վարչակազմը տակաւին հնարաւորութիւն ունին այս յաւելուածը հանելու ընդհանուր բանաձեւէն: Այս յաւելուածին կողմնակիցները պէտք է զգօն մնան՝ յորդորելով, որ Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի ներկայացուցիչները քուէարկեն յօգուտ Լիազօրման մասին օրինագիծի յաւելուածին պահպանման:

Թէեւ յաւելուածը իրաւական պարտադիր ուժ չունի, անիկա բարոյական յաղթանակ է բոլոր անոնց համար, որոնք բարձր կ՛արժեւորեն կրօնի ազատութիւնը, եւ քաղաքական մեծ յաղթանակ է ամերիկահայ համայնքին համար, որ առճակատելով Թուրքիոյ հզօր լոպիին դէմ՝ ջախջախիչ հարուած հասցուց անոր: Յաւելուածը նաեւ կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնէական եկեղեցիներու ահազանգող իրավիճակը՝ հիմք նախապատրաստելով այլ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպիսին են Եւրոպայի խորհուրդը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕն, որ վերականգնման աջակցին:

Սակայն ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը՝ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան դիմելն է՝ ստիպելու համար Թուրքիոյ վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիներէն բռնագրաւուած կալուածները: Թուրքիոյ կառավարութիւնը ճանչցած է այդ դատարանին իրաւասութիւնը եւ առանց վիճարկելու իրականացուցած է անոր բոլոր որոշումները:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Փրոֆ. Աքչամ Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտելու Համար Գիտնականներ Կաշառելու Ծրագիրը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ ամիս Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած դասախօսութեան մը ընթացքին, փրոֆ.

Թաներ Աքչամի յայտարարութիւնը նման էր ռումբի պայթումի, երբ ան բացայայտեց, որ Պոլսոյ մէջ գաղտնի աղբիւր մը իրեն յայտնած է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ կառավարութիւնը կաշառած է ամերիկացի գիտնականներ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար:

Մեսեչուսեցի Ուսթըր քաղաքի «Քլարք» համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան «Գալուստեան-Մուկար» ամպիոնի վարիչ դոկտ. Աքչամ նշեց, թէ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը ԱՄՆի մէջ կը հետապնդէ շատ հետեւողական եւ յարձակողական քաղաքականութիւն մը»՝ փորձելով կասկածի տակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Անգարայի մեծ նախագիծն է՝ թրքական ժխտողական պնդումները առաւել լայն շրջանակի համար ընդունելի դարձնել, այնպէս, ինչպէս 1915ի դէպքերը ընդունուած են իբրեւ ցեղասպանութիւն: Աւելին, Թուրքիան եւ իր ներկայացուցիչները, ԱՄՆի դատարաններէն ներս շարք մը դատավարութիւններու միջոցով, կը փորձեն ներկայացնել Ցեղասպանութիւնը ժխտող գիտնականներու հասցէին քննադատութիւնները եւ համալսարանի ծրագիրներէն պատմութեան «միտումնաւոր վերախմբագրման» նիւթերու բացառումը իբրեւ՝ «ակադեմական ազատութեան» սահմանափակում:

Փրոֆ. Աքչամ, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող առաջին գիտնականներէն մէկն էր, պատմեց, թէ անցեալ Դեկտեմբերին, Պոլիս այցելութեան ընթացքին, ինք առանձինն զրոյց ունեցած է անձի մը հետ, որ ունէր «ներքին տեղեկատուութիւն»՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին ուղղուած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գործողութիւններուն մասին: Դոկտ. Աքչամի գաղտնի աղբիւրը հաղորդած է իրեն, թէ 2004-2005 թուականներուն, ամերիկեան համալսարանի մը փրոֆեսէօրը հանդիպած է «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ կապուած պաշտօնեաներու հետ»: Այդ հանդիպման ընթացքին, փրոֆեսէօրը ըսած է հիւրընկալող կողմին, որ «Թուրքիան գիտական մակարդակով համակարգուած ծրագիր չունի Հայոց Ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններուն հակազդելու համար» եւ որ «Ցեղասպանութեան ենթադրութիւնը արդէն լաւապէս հաստատուած է»՝ նշելով, որ անոնք «քիչ բան» կրնան ընել՝ «բացայայտօրէն հակազդել փորձելով անոր (Ցեղասպանութեան փաստին)»:

Դոկտոր Աքչամ գաղտնօրէն տեղեկացած է, թէ Ամերիկայի այդ փրոֆեսէօրը թուրք պաշտօնեաներուն ներկայացուցած է հետեւեալ առաջարկը. «Անհրաժեշտ է փորել փոս մը Ցեղասպանութեան բոլոր պահանջներուն առջեւ. պէտք է կասկածներ ստեղծել՝ պատրաստելով այնպիսի գիտական աշխատանքներ, որոնք կը յարուցեն նման կասկած մը»: Դոկտոր Աքչամ մեկնաբանած է այս բառերը՝ նկատի ունենալով, որ «ստեղծելով եւ խրախուսելով նոր գիտական աշխատանքներ»՝ ամերիկացի գիտնականները կրնան «սովորական դարձնել այն գաղափարը, որ 1915ը ցեղասպանութիւն չէր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս այն կարծիքը, թէ՝ ատիկա ցեղասպանութիւն էր»:

Թէեւ ընդհանուր առմամբ յայտնի է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դրամական միջոցներ կը տրամադրէ բազմաթիւ գիտաշխատողներու, որպէսզի անոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յօդուածներ եւ գիրքեր հրապարակեն, ասիկա առաջին անգամն է, որ տուեալ ենթադրութիւնները կը հաստատուին թրքական վստահելի աղբիւրի մը կողմէ: Գաղտնի աղբիւրը յայտնած է դոկտ. Աքչամին, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդունած է ամերիկացի դասախօսին առաջարկը, եւ «ԱՄՆի փոխանցած է մեծ չափի գումար մը»: Վատահելի աղբիւրը բացայայտած է դոկտ. Աքչամին այդ ամերիկացի դասախօսներուն անունները, որոնք ստացած էին դրամական միջոցներ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող գիրքեր գրելու համար, եւ յայտնած, թէ «կան անոնց ձեռքով ստորագրուած փաստաթուղթեր, եւ թէ այս ստացականները այժմ կը գտնուին արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ»:

Իր դասախօսութեան ընթացքին, դոկտ. Աքչամ նշեց, որ ան չէ ցանկացած «ոեւէ գիտնականի վրայ կասկածի ստուեր ձգել»: Այնուամենայնիւ, ան երբ կապած է Պոլսոյ իր աղբիւրէն ստացած տեղեկութիւնները վերջին որոշ հրապարակումներու հետ, «յառաջացած է անհանգստացնող պատկեր մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած ուսումնասիրութիւններուն կապակցութեամբ»:

Այնուհետեւ, դոկտ. Աքչամ անդրադարձաւ Մայքըլ Կանթըրի «Հայոց պատմութիւնը եւ Ցեղասպանութեան հարցը» խորագրեալ վերջին գիրքին, իբրեւ «սոյն մօտեցման հնարաւոր օրինակ»: Գիրքի հրատարակիչին՝ Փալկրէյվ Մաքմիլանի, համացանցային կայքէջը կը նշէ. «Թէեւ 600,000 հայեր մահացած են Առաջին Համաշխարհային պատերազմին, ատիկա ո՛չ Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ կանխամտածուած քաղաքականութիւն եղած է, ոչ ալ առանց պատճառի, միակողմանի իրականացուած դէպք: Ի հարկէ, ոչ մէկ պարագայի, ասիկա չի կրնար արդարացնել իրականացուած սարսափելի անկարգութիւնները»:

Աւելին, Փրոֆ. Աքչամ նկատեց, որ չորս գիտնականներ՝ Եութայի համալսարանէն Հաքան Եաւուզ, Մեսեչուսեցի համալսարանէն Կենթըր Լըուի, Անգարայի «Պիլքեն»չ համալսարանէն Ճերըմի Սալթ եւ Վըրճինիայի «Մարին Քորփս Քամմեն էնտ Սթաֆ» հրամանատարական դպրոցէն Էտուըրտ Ճ. Էրիքսըն, որոնք գովասանական խօսքեր գրած էին Կանթըրի գիրքին մասին, «քաջ յայտնի են 1915 թուականի Ցեղասպանութեան հետ կապուած իրենց ժխտողական դիրքով եւ աշխատանքներով»: Թէեւ փրոֆ. Աքչամ չէր փափաքեր «մեղադրանքի խօսքեր հնչեցնել գիրքի հեղինակին հասցէին», ան ըսաւ. «Տարօրինակ նմանութիւնները, որոնք առկայ են Պոլսոյ մէջ գաղտնաբար ինծի ըսուածին եւ գիրքի շապիկի խօսքերուն միջեւ, զիս հիասթափեցուցին. այդքա՛ն»:

Թէեւ ոչ ոք պէտք է մեղադրէ գիտաշխատողները՝ Թուրքիոյ կառավարութենէն կամ անոր հաւատարմատար անձերէն գումարներ ստանալու համար, առանց հիմնաւոր ապացոյցներու, մեծապէս լուսաբանելի կ՛ըլլայ, եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը կամաւոր կերպով հանդէս գայ եւ բացայայտէ, թէ արդեօք ինք ֆինանսաւորուա՞ծ է թրքական աղբիւրներու կողմէ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Հայերը Պէտք Է Հակազդեն Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի՝ՄԱԿի Անվտանգութեան Խորհուրդի Թեկնածութեան
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սփիւռքի քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ ազդեցիկ հայերը, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցելով, պէտք է ձեռնարկեն միջազգային մակարդակով լոպիիստական արշաւի մը՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին թոյլ չտալու համար  անդամակցիլ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին:

Երեք տարի առաջ հանդէս եկայ նմանատիպ խնդրանքով մը, երբ Թուրքիան, 1961էն ի վեր առաջին անգամ փորձեց անդամակցիլ Անվտանգութեան խորհուրդին: Ես յորդորեցի աշխարհասփիւռ հայերը կապ հաստատել իրենց երկիրներու կառավարութեանց ղեկավարներուն հետ՝ անոնցմէ պահանջելով, որ իրենց բնակած երկիրներու ՄԱԿի ներկայացուցիչները ընդդիմանան Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ Թուրքիոյ ընդգրկուելու յայտին: Ցաւօք, ոչ մէկ քայլ առնուեցաւ, եւ Թուրքիան հեշտութեամբ տեղ գտաւ հզօր Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, երկու տարուան ժամկէտով (2009 եւ 2010):

Հայերուն աշխարհասփիւռ ըլլալու առաւելութիւններէն մէկը այն է, որ անոնք ունին եզակի հնարաւորութիւն՝ տասնեակ երկիրներու կառավարութիւններուն մէջ լոպիիստական գործունէութիւն իրականացնելու՝ ՄԱԿի գալիք խնդիրներուն առնչութեամբ: Նման ռազմավարութիւն զգալիօրէն կը հզօրացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ՄԱԿի գծով իրականացուող գործունէութիւնները: Սփիւռքի քաղաքական ազդեցութիւնը եւ կապերը կը հակակշռեն այն զգալի ֆինանսական միջոցները, զորս Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը տրամադրեն բազմաթիւ երկիրներու, ՄԱԿի մէջ անոնց ձայները ստանալու նպատակով: Ինչպէս կը յայտնէ «Eurasia Daily Monitor»ը, Թուրքիան կաշառած է երրորդ աշխարհի տասնեակ երկիրներ, 2009ին Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ յաջողութեամբ տեղ գրաւելու համար: Թուրքիոյ կառավարութիւնը 20 միլիոն տոլար յատկացուց շարք մը փոքր ազգերու, ՄԱԿին ունեցած իրենց պարտքերը մարելու համար, որպէսզի անոնք չզրկուին քուէարկելու իրաւունքէն:

Ոգեւորուելով նախկին արշաւի արդիւնքներէն՝ Թուրքիա վերջերս ներկայացուց իր թեկնածութիւնը եւս մէկ ժամկէտով՝ 2015-2016ին Անվտանգութեան խորհուրդի կազմէն ներս ընդգրկուելու համար, մրցակցելով Սպանիոյ եւ Նիւ Զելանտայի հետ տարածաշրջանային երկու թափուր տեղերու համար: Այս երկու երկիրները Անվտանգութեան խորհուրդի՝ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան նպաստող նպատակներու իրականացման առումով՝ առաւել նպատակայարմար են, քան Թուրքիան: Կէս դար բացակայութենէ ետք երկու տարի Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելով՝ Թուրքիոյ գերագահութիւնը այժմ աւելցած է՝ ցանկանալով իր հերթէն 5 տարի աւելի շուտ վերադառնալ խորհուրդ:

Անոնք, որոնք ծանօթ են Թուրքիոյ՝ Մարդու իրաւունքներու երկարատեւ խախտումներուն, քիւրտերու դէմ շարունակական կոտորածներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ Կիպրոսի հիւսիսային մասի գրաւման, ցնցուած են՝ կարդալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատճառաբանութիւնները՝ Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու նոր յայտին կապակցութեամբ. «Թուրքիան վճռական է առաւել նպաստելու միջազգային խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ջանքեր գործադրելու՝ հզօրացնելու համար հիմնարար սկզբունքներ եւ արժէքներ, ինչպիսիք են մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը»:

ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տեղ գրաւելը, այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ համար կրնայ ոչ միշտ շահաւէտ ըլլալ: Բոլորին համար լաւագոյն ընկեր ձեւանալու անոր կեղծաւորութիւնը կրնայ քօղազրկուիլ, ինչպէս եղաւ 2009-2010 թուականներուն, երբ Թուրքիան ստիպուած էր կողմնորոշուելու եւ քուէարկելու այնպիսի փշոտ հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են՝ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը եւ Իրանի խնդրայարոյց միջուկային ծրագիրը, այդպիսով նեղացնելով ի՛ր իսկ աւանդական դաշնակիցներէն շատերը:

Թէեւ հայերը ունին չորս տարի՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան յայտին դէմ իրենց լոպիիստական գործունէութիւնը արդիւնաւէտօրէն ծրագրաւորելու համար, անոնք ունին ընդամէնը երեք ամիս՝ Հոկտեմբերին կայանալիք ընտրութիւններուն ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու Ատրպէյճանի թեկնածութիւնը խոչընդոտելու համար: Արժանահաւատ աղբիւրներու համաձայն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երկրագունդը կը շրջի՝ տասնեակ կարիքաւոր երկիրներու տրամադրելով ֆինանսական աջակցութիւն, անոնց ձայներուն դիմաց: Մամետեարով, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան համաժողովին, յորդորեց արտաքին գործոց նախարարները աջակցիլ Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ առաջին անգամ ընդգրկուելու համար Ատրպէյճանի ներկայացուցած յայտին՝ յայտարարելով, որ իր երկիրը «մեծապէս նուիրուած է ՄԱԿի ուխտի նպատակներուն եւ սկզբունքներուն»:

Հաշուի առնելով Ատրպէյճանի մենատիրական վարչակարգը, որ հաստատուած է Պետական քարտուղարութեան եւ իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններու կողմէ, մասնաւորապէս ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը, մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումները եւ հարեւան երկիրներու՝ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) հանրապետութիւններուն դէմ ուժ գործածելու շարունակական սպառնալիքները՝ դժուար է պատկերացնել երկիր մը, որ (Ատրպէյճանէն) նուազ յարմար ըլլայ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուելու համար:

Քանի որ Ատրպէյճանը պիտի մրցակցի Սլովենիոյ եւ Հունգարիոյ հետ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ տեղ մը գրաւելու համար, կարելի է մտածել, որ Պաքուի հնարաւորութիւնները հաւասար են զեռոյի: Այնուամենայնիւ, նկատի ունենալով Ատրպէյճանի առատ քարիւղի եկամուտներով ֆինանսաւորուող շռայլ ընտրակաշառքը, հայերը եւ անոնց աջակիցները պէտք է ջանք չխնայեն գալիք երեք ամիսներուն ընթացքին ՄԱԿի անդամներուն ձայները յօգուտ Սլովենիոյ կամ Հունգարիոյ ուղղելու եւ Ատրպէյճանը դուրս մղելու համար:

Միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն դէմ պայքարելով՝ հայերը պէտք է ոգեւորուին անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ կրած քաղաքական մեծ ձախողութեամբ, երբ Հայաստանն ու Կիպրոսը խոչընդոտեցին թուրք դիւանագէտին նշանակումը Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր քարտուղարի հեղինակաւոր պաշտօնին: Այս պաշտօնին յաւակնող առաջատար թեկնածուներն էին Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ուրսուլա Փլասնիք եւ Պրազիլի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Էրսին Էրչին: Խոչընդոտելով Աւստրիոյ թեկնածուն՝ Թուրքիա դիւանագիտական լուրջ ճեղք յառաջացուց երկու երկիրներուն միջեւ: Ի վերջոյ, Իտալիոյ դեսպան Լամպերթօ Ցեննիէր միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին համար:

Հայաստանն ու Կիպրոսը պէտք է շնորհաւորել՝ Թուրքիոյ ճնշումներուն տեղի չտալու եւ իրենց ազգային շահերը պաշտպանելու համար:

Հայութեան Աղտոտ Լուացքը Փռել Արար Աշխարհին Առջեւ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս (ԵԽԽՎ): Իր 30 վայրկեան տեւողութեամբ համապարփակ ճառին մէջ, նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին խնդիրներուն՝ օտարերկրեայ բարձրաստիճան լսարանին առջեւ երկիրը ներկայացնելով լաւագոյն լոյսի տակ:

Ներքին հարցերու առումով, նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ փտածութեան դէմ պայքարին, «արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ» իրականացնելու եւ «2008 Մարտի ողբերգական դէպքերուն հետեւանքները» վերացնելու մասին:

Այնուհետեւ նախագահը Եւրոպական խորհրդարանականներուն յիշեցուց, որ Հայաստանը ունի Եւրոպայի հետ ընդհանուր «պատմական ու մշակութային պատկանելիութիւն», եւ ներկայացուց Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւնները: Ան դատապարտեց Ատրպէյճանի մէջ տիրող «հայատեացութեան եւ օտարատեացութեան ծայրայեղ աստիճանը», ըսելով, որ դժուար է զիջումներ կատարել անոր, «որ կը սպասէ մեր վրայ կրակելու յարմար առիթի մը»:

Նախագահ Սարգսեան շարունակեց մեղադրել Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու «կարգաւորման» գործընթացի տապալման համար, ըսելով, որ (Թուրքիա) «վերադարձաւ նախապայմաններ առաջադրելու իր գործելաոճին, չյարգեց ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչ որ անհնարին դարձուց ստորագրուած արձանագրութիւններուն վաւերացումը»:

Ան կոչ ըրաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին վերջ տալու Հայաստանի «ապօրինի շրջափակման», եւ մեղադրեց Թուրքիան այն բանին համար, որ «Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1915ին հայերու նկատմամբ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը Թուրքիան, առ այսօր, ոչ միայն չի ճանչնար, այլեւ կ՛իրականացնէ ժխտման բացայայտ քաղաքականութիւն»: Ան խոստացաւ, որ այսուհետեւ հայութեան «անխոնջ ջանքերը, եւ լիայոյս եմ՝ նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններով մտահոգուողներուն ջանքերը՝ ուղղուած կ՛ըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման»:

Ելոյթէն ետք, Հայաստանի նախագահ Սարգսեան, եւս 30 վայրկեան նուիրեց՝ Լիթուանիան, Ֆրանսան, Զուիցերիան, Ռուսիան, Մոլտովան, Հոլանտան, Հայաստանը եւ Իրլանտան ներկայացնող ԵԽԽՎ պատուիրակներու հարցումներուն պատասխանելու համար: Հինգ ատրպէյճանցի իրենց անունները արձանագրած էին խորհրդարանականներու ցանկին մէջ, հարցեր տալու համար, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ելոյթ ունեցաւ: Թուրքիոյ պատուիրակները նոյնպէս միաձայն որոշած էին հարցեր չուղղել Հայաստանի նախագահին, ինչպէս յայտնեց թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթը:

Ամէնէն աւելի ուշագրաւ հարցումը ուղղուեցաւ ՀՀ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեանի կողմէ: Ան նախագահ Սարգսեանին հարց տուաւ. «Հայաստանում ձեւաւորուել է աւտորիտար (մենատիրական-Խմբ.) ռեժիմ, 1995 թուականից սկսած ընտրութիւնները կեղծուել են: Չէ՞ք ցանկանում նախաձեռնել արտահերթ, արդար ընտրութիւններ եւ հեռանալ»:

Մինչ ԵԽԽՎի թուրք նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու քմծիծաղով արձագանգեց այդ հարցումին, նախագահ Սարգսեան հանդարտօրէն պատասխանեց, որ ինք քաջ տեղեակ է տիկին Փոստանջեանի կարծիքներուն մասին, զորս ան ազատօրէն կը հնչեցնէ ինչպէս Հայաստանի խորհրդարանին, այնպէս ալ փողոցներուն ու լրատուամիջոցներուն մէջ: Ան աւելցուց, որ չի պատրաստուիր արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու, որովհետեւ ատոր ո՛չ անհրաժեշտութիւնը կայ, ոչ ալ մեր սահմանադրութիւնը նման հնարաւորութիւն կու տայ այդպէս հեշտութեամբ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու: Ան կոչ ըրաւ տիկին Փոստանջեանին մասնակցելու խորհրդարանական յաջորդ հերթական ընտրութիւններուն:

Զարմանալի չէ, որ Հայաստանի նախագահի՝ ԵԽԽՎի ելոյթը, ողջունուեցաւ իր աջակիցներուն կողմէ եւ քննադատութեան ենթարկուեցաւ ընդդիմադիրներուն կողմէ՝ երկրէն ներս: Շահագրգիռ բոլոր կողմերուն համար առաւել կարեւոր խնդիրը պէտք է ըլլար այն, որ արդեօք նախագահին տպաւորիչ բառերը կեանքի պիտի կոչուի՞ն մօտ ապագային: Այնուամենայնիւ, անմիջական տարակարծութիւնը՝ տիկին Փոստանջեանի կողմէ օտար հողի վրայ ՀՀ նախագահը քննադատելու նպատակայարմարութեան մասին էր:

Հայ քաղաքական գործիչներէն ոմանք անյարմար կը գտնէին Զ. Փոստանջեանի «յարձակումը» նախագահ Սարգսեանի վրայ, Եւրոպական խորհուրդի ատեանին մէջ: Ուրիշներ ալ այն կարծիքին էին, որ անոր օգտագործած «կոշտ բառերը» ակամայ նախագահին ի նպաստ էին, քանի որ իսկական «աւտորիտար ռեժիմի» պարագային, ընդդիմութեան ներկայացուցիչը այդ պատուիրակութեան մէջ պիտի չգտնուէր, պիտի զրկուէր խորհրդարանական իր անձեռնմխելիութենէն եւ պիտի ենթարկուէր հետապնդումի: Իրականութեան մէջ, եւրոպայի որոշ խորհրդարանականները հետաքրքրեց այն, թէ արդեօք Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի պատուիրակները կը համարձակէին քննադատել ԵԽԽՎի մէջ իրենց նախագահը:

Ամերիկայի քաղաքական գործիչները կ՛օգտագործեն «քաղաքականութիւնը կանգ կ՛առնէ երկրի ծայրամասին» արտայայտութիւնը՝ նշելու համար, որ իրենք պատրաստակամ են մէկ կողմ դնելու ներքին տարակարծութիւնները՝ օտարներուն դիմաց միասնական ճակատ ցոյց տալու համար: Օգտագործելով այս ասացուածքը Հայաստանի պարագային՝ կասկածի տակ կը դրուի Եւրոպայի խորհուրդին առջեւ նման նսեմացնող դիտողութիւններ ընելու խելամտութիւնը, անկախ այն հանգամանքէն, թէ համաձա՞յն է նախագահին կամ անոր կողմէ վարուող քաղաքականութեան, թէ ոչ: Քանի որ Հայաստանը միջազգային ֆորումներու մէջ անընդհատ յարձակումի կ՛ենթարկուի թուրք եւ ատրպէյճանցի պատուիրակներուն կողմէ, անմտութիւն է մեր ձայնը միացնել Հայաստանի հեղինակութիւնը վարկաբեկողներու ձայնին:

Այս հարցը նաեւ կը յառաջանայ, երբ որոշ հայեր կը փորձեն ճնշում գործադրել իրենց իշխանութիւններուն վրայ՝ ներքին վէճերը օտարերկրեայ կառավարութիւններ եւ միջազգային դատարաններ հասցնելով: Թէեւ անոնց վրդովմունքը հասկնալի է, այնուամենայնիւ, օտարերկրեայ ատեաններ մեր ներքին վէճերուն միջամուխ դարձնելը կը վնասէ Հայաստանի հեղինակութիւնը արտերկրի մէջ: Նման դէպքերու, այնուամենայնիւ, մեղքը նաեւ Հայաստանի կառավարութեանն է, որ չի կրնար ապահովել երկրի դատարաններուն անաչառութիւնը, ինչ որ կը ստիպէ քաղաքացիներուն արդարադատութիւն հայցել այլ վայրերու մէջ:

Նախքան երկրէն դուրս Հայաստանի ղեկավարութեան վերաբերեալ քննադատական դիտողութիւններ ընելը, յատկապէս խորհրդարանի անդամներու կողմէ, որոնք իրենց կարծիքները երկրէն ներս արտայայտելու մեծ հնարաւորութիւն ունին, ամէն ոք պէտք է կշռէ եւ բաղդատէ մարդու իրաւունքները յարգելու նպատակով իշխանութիւնները ճնշելու օգուտները՝ երկրի միջազգային հեղինակութեան հասցուած վնասին հետ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն՝ Դէպի Պահանջատիրութիւն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամերիկահայ համայնքը անցեալ շաբաթ կարեւոր քայլ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու եւ վերջ դնելու թրքական  կառավարութեան որդեգրած երկարաժամկէտ քաղաքականութեան, որու նպատակն էր ջնջել հայոց քաղաքակրթութեան բոլոր հետքերը այսօրուան Թուրքիոյ հողատարածքներէն:

Հայոց Ցեղասպանութեան սոսկ ընդունումէն անդին երթալով, Քոնկրեսի որոշ անդամներ ներկայացուցին նոր բանաձեւ մը, որ «Թուրքիոյ հանրապետութենէն կը պահանջէ պահպանել իր քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ վերադարձնել բռնագրաւուած եկեղեցական գոյքը»:

Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ ներկայացուած համապարփակ թիւ 306 բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան՝

«1) վերջ տալ բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութեանց.

«2) արտօնել քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքի հոգեւոր եւ աշխարհական օրինական սեփականատէրերուն՝ առանց խոչնդոտներու եւ սահմանափակումներու կազմակերպել եւ իրականացնել աղօթքներ, կրօնական կրթութիւն, հոգեւոր ուսուցում, կատարել նշանակումներ եւ կազմակերպել իրաւայաջորդութիւն, գումարել կրօնական համայնքի ժողովներ, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ, ներառեալ՝ աղքատներու եւ հի-ւանդներու կարիքներուն ընդառաջում, ինչպէս նաեւ իրականացնել այլ կրօնական գործունէութիւն.

«3) քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ այլ կրօնական գոյքը, ներառեալ շարժական գոյքը, ինչպիսիք են արուեստի գործերը, ձեռագիրները,  զգեստները, ապասքը եւ այլ իրերը՝ վերադարձնել օրինական տէրերուն.

«4) քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքի օրինական հոգեւոր եւ աշխարհական սեփականատէրերուն արտօնել՝ առանց խոչընդոտներու եւ սահմանափակումներու, իրենց հայեցողութեամբ, պահպանել, վերակառուցել եւ վերանորոգել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, մասունքները, սրբավայրերը եւ այլ կրօնական գոյքը»:

Այս երկկուսակցական նեցուկ վայելով բանաձեւը, որ ներկայացուած էր հանրապետական քոնկրեսական Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատ քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ, անմիջապէս ստացաւ 30 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը, որոնցմէ տասը՝ հանրապետականներ: Նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն, բանաձեւը հովանաւորողներու համեմատութիւնը լաւ սկիզբ կը խոստանայ. հաւանական դարձնելով անոր բարեյաջող ընդունումը: Յատկանշական է, որ հանրապետական քոնկրեսական Իլիանա Ռոս-Լեհթինըն, որ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին գործերու յանձնաժողովի նախագահն է եւ  որ անցեալին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման հակադրուողներու շարքին էր, առաջիններէն մէկը եղաւ, որ սատարեց եկեղեցիներու գոյքի վերադարձման կապակցութեամբ ներկայացուած բանաձեւին:

Զարմանալի չէ, որ այս բանաձեւը այսպիսի մեծ աջակցութեան արժանացաւ, քանի որ դժուար է պատկերացնել, որ Քոնկրեսի, արտաքին գործոց նախարարութեան (պետական քարտուղարութեան) կամ Օպամայի վարչակազմի ոեւէ անդամ դէմ կրնար ըլլալ կրօնական կառոյցը իր օրինական տէրերուն վերադարձնելու գաղափարին: Ըստ հասարակական արդի չափանիշերու՝ որեւէ մէկուն համար ընդունելի չի կրնար ըլլալ եկեղեցին մզկիթի կամ մզկիթը եկեղեցիի վերածելը: Թուրքիոյ  բարեպաշտ ղեկավարները, իբրեւ լաւ մահմետականներ, իրենք առաջինը կ՛ըլլան, որ կ՛ընդունին եւ կը պահպանեն պաշտամունքի վայրերու սրբութիւնը:

Բացի Քոնկրեսի մէջ երկկուսակցական ամուր դաշինքի կազմութենէն, Ամերիկայի գրեթէ բոլոր կրօնական համայնքները՝ աւետարանական, կաթողիկէ, ուղղափառ, հրեայ թէ մահմետական,  հակամէտ կ՛ըլլան աջակցելու նման բանաձեւի ընդունման: Բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները, ինչպիսիք են սպանախօսները, Ամերիկայի յոյները, ասորիները իրլանդացիները, հրեաները, արաբները, աֆրոամերիկացիները եւ ասիացի ամերիկացիները, նոյնպէս կրնան նեցուկ կանգնիլ այս բանաձեւի ընդունման:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ բանաձեւը նպատակ ունի «կարեւորել, դիմակայել եւ ի վերջոյ փոխել Թուրքիոյ կողմէ տասնամեակներ շարունակ պաշտօնապէս որդեգրուած՝ քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքը ոչնչացնելու, սրբավայրերը սրբապղծելու, քրիստոնէական համայնքներու դէմ  խտրականութիւն գործադրելու, ինչպէս նաեւ հայերու, յոյներու, ասորիներու, քալդէացիներու, պոնտացիներու, արամէականներու (սիրիացիներ) եւ այլոց հաւատքի ծէսերը ազատօրէն կատարելու իրաւունքը մերժելուն ուղղուած քաղաքականութիւնը»:

Կրօնական ազատութեան իրաւունքը պարզապէս Թուրքիոյ ներքին հարցը չէ: Այս իրաւունքը պաշտպանուած է բազմաթիւ միջազգային պայմանագիրներով, ներառեալ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտը եւ 1923ին ստորագրուած Լոզանի պայմանագիրը, որու ստորագրողներէն է նաեւ Թուրքիան: Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ խախտել Լոզանի պայմանագրի 41րդ եւ 42րդ յօդուածները, որոնք կը նախատեսեն դրամական միջոցներ եւ հնարաւորութիւններ տրամադրել ոչ մահմեդական փոքրամասնութիւններուն՝ կրթութեան, կրօնի եւ բարեգործական նպատակներով, ինչպէս նաեւ պաշտպանել անոնց կրօնական հաստատութիւնները: Ցաւօք, Քոնկրեսի բանաձեւը չի նշեր այս խախտումներու եւ Լոզանի պայմանագրով Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններու մասին:

ԱՄՆի կրօնի ազատութեան հարցերով յանձնաժողովը, որ ամէն տարի կը հրապարակէ աշխարհի բոլոր շրջաններու մէջ կրօնական իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ հաշուետուութիւն, երրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ Թուրքիան պահած է իր «հսկողութեան ցուցակ»ին մէջ: Յանձնաժողովը կը գտնէ, որ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ կրօնի կամ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ կիրառել լուրջ սահմանափակումներ՝ սպառնալով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւն կազմող համայնքներու կենսունակութեան ու գոյութեան»: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ «կը շարունակէ միջամտել կրօնական համայնքներու ներքին կառավարման եւ կրթութեան իրականացման գործընթացներուն եւ բռնագրաւել պաշտամունքի վայրերը»:

Վերջին տարիներուն Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը ընդունած են մի քանի բանաձեւեր՝ կոչ ուղղելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսին, Լիթվիային, Ռումանիոյ եւ Վիեթնամին պաշտպանել պաշտամունքի վայրերը եւ վերադարձնել կրօնական փոքրամասնութիւններուն պատկանող անիրաւաբար բռնագրաւուած գոյքը: Այս բանաձեւերու օրինակով՝ Ներկայացուցիչներու տունը պէտք է ընդունի նաեւ թիւ 306 բանաձեւը՝ կոչ ուղղելով Թուրքիոյ կառավարութեան յարգելու բոլոր քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու ազատ պաշտամունքի իրաւունքը եւ անոնց վերադարձնել իւրացուած եկեղեցիները եւ այլ կրօնական գոյքը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ինչո՞ւ Երրորդ Անգամ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նոր բանաձեւ մը կը ներկայացուի Ներկայացուցիչներու տան, այս շաբաթ:

Առաջին հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ երրորդ անգամն ըլլալով Քոնկրեսէն կը խնդրուի ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յայտնի է, որ Ներկայացուցիչներու տունը արդէն երկու անգամ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւներ՝ 1975ին եւ 1984ին: Հայերուն ի՞նչ օգուտ կու տայ բանաձեւին երրորդ անգամ ընդունուիլը: Եւ եթէ անիկա ընդունուի այս տարի, արդեօ՞ք յաջորդ տարի անիկա չորրորդ անգամ ընդունուելու մէկ այլ փորձ մը կը կատարուի:

Ոմանք կրնան թիւր տպաւորութիւն ունենալ, թէ նման բանաձեւներ կ՛օգնեն հայերուն Թուրքիայէն ետ ստանալու իրենց բռնագրաւուած հողերն ու գողցուած ունեցուածքը: Ասիկա պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Յիշատակուած բանաձեւները կ՛արտայայտեն Քոնկրեսին «կարծիքը», եւ օրէնքի ուժ չունին: Աւելին, եթէ այս բանաձեւները ունենային որեւէ իրական օգուտ, ապա հայերը անոնցմէ կ՛օգտուէին տասնամեակներէ ի վեր, անոնց ընդունման պահէն:

Դրական տեսանկիւնէ՝ այս բանաձեւներուն ընդունումը ունի բարոյական, հոգեբանական եւ քաղաքական կողմեր: Բարոյականութիւնը կը թելադրէ, որ ամբողջ ազգի մը զանգուածային սպանութիւնը պէտք չէ մոռցուի կամ անտեսուի: Այնուամենայնիւ, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան շարունակական ժխտումն է, որ կը ստիպէ հայերուն ամէն տարի նման բանաձեւներ ներկայացնել Քոնկրեսին: Ցաւօք, ԱՄՆի յաջորդական վարչակազմերը նոյնպէս իրենց մեղքի բաժինը ունին այս ստոր գործին մէջ՝ օգնելով ու սատարելով թուրք ժխտողներուն, եւ անբարոյական բառախաղեր խաղալով 1.5 միլիոն անմեղ մարդկանց, կանանց եւ երեխաներու բնաջնջման կապակցութեամբ:

Նման բանաձեւի ընդունման հոգեբանական արժէքը այն է, որ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգները բաւարարուածութիւն պիտի ստանան, երբ իրենց կորուստն ու ցաւը ընդունուի աշխարհի ժողովրդավարական ամենամեծ երկրի օրէնսդիրին կողմէ:

Քաղաքական աղմուկը, որ կը բարձրանայ ամէն անգամ, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ կը ներկայացուի Քոնկրես, պայմանաւորուած է Թուրքիոյ կառավարութեան գայթակղիչ վարքագիծով: Ամէն տարի ԱՄՆի Քոնկրեսը կ՛ընդունի նման բանաձեւներ տասնեակ հարցերու շուրջ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը թերթերու քննարկման առարկայ կը դառնայ: Թուրքիոյ առաջնորդները կը ստեղծեն նման խառնաշփոթ իրավիճակ մը՝ սպառնալիքներ ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներուն, Ուաշինկթըն ուղարկելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ, վարձելով լոպիիստական հզօր ընկերութիւններ եւ ծախսելով քաղաքական թանկարժէք դրամագլուխ, եւ իբրեւ արդիւնք, վերջաւորութեան միլիոնաւոր մարդիկ իրազեկ կը դառնան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Թէեւ Թուրքիոյ նպատակն է քօղարկել գրեթէ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւնը, այնուամենայնիւ, իրենց կատաղի արձագանգին հետեւանքով, անմտօրէն ամբողջ աշխարհին կը բացայայտեն իրենց նախահայրերուն կողմէ կատարուած ստոր ոճրագործութեան մասին:

Յուսանք, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը կիրառէ իրեն բնորոշ «կռուարար» մարտավարութիւնը՝ անով իսկ հրաւիրելով միջազգային համայնքին ուշադրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վրայ: Նոր ներկայացուած բանաձեւը կրնայ միայն օգտուիլ թրքական նման քարոզարշաւէ, քանի որ Հանրապետականներով ղեկավարուած Ներկայացուցիչներու տունը, հաւանաբար, պիտի չանդրադառնայ անոր մօտ ապագային, երբ նոյնիսկ հայասէր Դեմոկրատականները բանաձեւը քուէարկութեան չդրին անցած տարուան վերջաւորութեան, երբ անոնք մեծամասնութիւն կը կազմէին:

Անշուշտ, Թուրքիոյ պաշտօնեաները կրնան նոյնիսկ աւելի օգտակար ըլլալ, եթէ չակնկալուած ճգնաժամային իրավիճակներ ստեղծեն Միացեալ Նահանգներու հետ, ինչ որ պիտի ստիպէ Դեմոկրատներու վարչակազմին եւ Քոնկրեսի Հանրապետական ղեկավարութեան, որ սատար կանգնին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին: Մինչ այդ, ամերիկահայ համայնքը այս հարցը վառ պիտի պահէ եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ա՛լ աւելի աշխոյժ կերպով արծարծելու զայն, որեւէ պատեհ պահու, ստիպելով Թուրքիոյ կառավարութեան միլիոնաւոր տոլարներ ծախսել լոպիիստական շարունակական ջանքերուն դիմաց:

Նման հնարաւորութիւն կրնայ ընձեռնուիլ այս ամսուն վերջաւորութեան, Թուրքիոյ «մարդասիրական» երկրորդ նաւախումբին եւ Իսրայէլի ռազմական նաւատորմին միջեւ արիւնալի հնարաւոր առճակատման մը հետեւանքով, որ կրնայ զայրացնել Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլի ղեկավարները՝ ստիպելով անոնց քուէարկութեան դնել Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւները իրենց երկիրներու օրէնսդիր համապատասխան մարմիններու մէջ: Հայերը կը վրդովին՝ տեսնելով որ Ցեղասպանութեան հարցը կը շահագործուի իբրեւ քաղաքական ֆութպոլ, սակայն անոնք չունին մեծ ընտրութիւն, քանի որ անոնք նոյնքան վիրաւորուած էին, երբ բանաձեւը չէր ընդունուեր ամբողջովին անհիմն պատճառներով:

Առաջ անցնելով Ցեղասպանութեան հարցէն՝ այս տարի ամերիկահայերը կրնան Քոնկրեսին ներկայացնել այլ բանաձեւեր՝ Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ.

- Ստիպել Թուրքիային վերադարձնել իւրացուած հայկական եկեղեցիները Պոլսոյ հայկական պատրիարքարանին, արտօնելով, որ անոնք գործեն իբրեւ եկեղեցիներ, եւ ոչ թէ՝ թանգարաններ, մզկիթներ կամ տեսարժան վայրեր.

- Յարգանքի տուրք մատուցել իրաւագէտ Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ յօրինեց «ցեղասպանութիւն» եզրը՝ ազդուած ըլլալով 1915 թուականի հայերու զանգուածային սպանութենէն.

- Խրախուսել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերացումը.

- Սատարել Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը՝ Թուրքիա ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն (ալեւիներ, հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ եւ քիւրտեր):

Յառաջիկայ Քոնկրեսի եւ նախագահական ընտրութիւններու շեմին, ինչպէս նաեւ Արեւելեան միջերկրածովեան տարածաշրջանին մէջ անսպասելի զարգացումներուն հետեւանքով, մենք կրնանք բախում ունենալ ծանրաբեռնուած եւ քաոսային քաղաքական ժամանակաշրջանի հետ: Կարեւոր է, որ ամերիկահայերն ու իրենց աջակիցները մնան լաւապէս տեղեակ, աշխոյժ եւ պատրաստ՝ պաշտպանելու հայկական շահերը:

Յոյսի Նշոյլ Մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին Շուրջ Ծագած Տարաձայնութեան Մէջ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ՝ համաձայնելու» վերտառութեամբ վերջերս գրած յօդուածիս մէջ ես յորդորեցի ամերիկահայ համայնքը համախմբուիլ եւ սկսիլ կեանքի կոչելու վաղուց սպասուած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանն ու յուշահամալիրը, որ կը գտնուի Ուաշինկթըն, Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս անդին:

Ես այդ առաջարկութիւնը ներկայացուցի այն բանէն ետք, երբ դաշնակցային դատաւորը վճիռ կայացուց, թէ «Քաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը թանգարանի շէնքերու օրինական սեփականատէրն է: Բազմաթիւ ամերիկահայեր յոյս ունէին, որ դատարանին վճիռը վերջ պիտի դնէր արդէն քանի մը տարիէ ի վեր շարունակուող իրաւական քաշքշուկներուն, որոնց պատճառով ձգձգուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանին ստեղծումը, եւ ծախսուեցաւ քանի մը միլիոն տոլար՝ փաստաբաններու համար:

Թէեւ հայկական համայնքէն շատերը ողջունեցին կոչս՝ ջանքերը համախմբելու եւ թանգարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին կեանքի կոչելու մասին, այնուամենայնիւ, Հայկական Համագումարի առաջնորդները չհամաձայնեցան եւ որոշեցին բողոքարկել դատարանին վճիռը: Անշուշտ, Համագումարը իրաւունք ունի բողոքարկելու, սակայն ատիկա չի կրնար ըլլալ գործին ճիշդ ընթացքը: Դատավարութիւնը շարունակելն ալ աւելի կը ձգձգէ ԱՄՆի մայրաքաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ստեղծումը եւ կը վնասէ ոչ միայն ամերիկահայ համայնքին, այլ նաեւ նոյնինքն Համագումարին շահերը:

Համագումարի անդամներն ու սատարողները պէտք է մտահոգէ իրենց կարգ մը առաջնորդներուն կողմէ դատական վէճը շարունակելու յամառութիւնը: Շատ աւելի նախընտրելի կ՛ըլլար, եթէ անոնք իրենց սահմանափակ միջոցները ուղղէին կազմակերպութեան ընկերային եւ քաղաքական գործունէութիւնը ընդլայնելու գործին, որ վերջին տարիներուն ընթացքին զգալիօրէն նուազած է, տնտեսութեան անկումին եւ Ուաշինկթընի, Լոս Անճելըսի ու Երեւանի մէջ իր գրասենեակներու աշխատակազմէն փորձառու անդամներու աշխատանքէ հեռացումին պատճառով: Կազմակերպութեան եկամուտը առաւել եւս նուազեցաւ՝ զրկուելով Համագումարի քանի մը նուիրատուներու աջակցութենէն, երբ Համագումարի առաջնորդներէն ոմանք ներգրաւուեցան վիճայարոյց Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնաժողովին մէջ (ՀԹՀՀ): Համագումարը հաստատեց, որ ֆինանսական միջոցներու սակաւութեամբ պայմանաւորուած էր իր հեռացումը Միացեալ հայկական հիմնադրամէն, որ հանդիսանալով հայամերիկեան բարեգործական եւ կրօնական եօթը մեծագոյն կազմակերպութիւններու համախմբում՝ 1988 թուականի երկրաշարժէն ի վեր, Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրած է աւելի քան 600 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն:

Նման պայմաններու լոյսին տակ, Համագումարի առաջնորդներուն համար կրնայ անարդիւնաւէտ ըլլալ քանի մը միլիոն տոլար եւս ծախսելը՝ վճիռը բողոքարկելու համար, յատկապէս, երբ դատաւորը վճռած է, որ անոնք իրենց իրաւաբանական սեփական ծախսերը վճարելէ բացի, պարտաւոր են փոխհատուցել նաեւ Ճերարտ Քաֆէսճեանի փաստաբանական ծախսերուն մէկ մասը, որ կրնայ զգալի գումար մը կազմել: Այս միջոցները կրնային առաւել արդիւնաւէտ կերպով օգտագործուիլ Ուաշինկթընի մէջ Համագումարին լոպիիստական գործունէութիւնը կրկնապատկելու կամ ֆինանսաւորելու համար այլ արժանի ծրագիրներ, ինչպիսին է Ցեղասպանութեան թանգարանը:

Համագումարին առաջնորդները նաեւ պէտք չէ իրենց ջանքերը վատնեն դատական գործը մամուլի միջոցով անգամ մը եւս դատելու ուղղութեամբ: Անցած շաբաթ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթը ստացաւ խմբագիրին ուղղուած նամակ մը՝ Հայկական Համագումարի հիմնական սատարողներէն բարերար զոյգի մը անունով: Անոնք իրենց անհամաձայնութիւնը կը յայտնէին «Կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ՝ համաձայնելու» վերտառութեամբ յօդուածիս կապակցութեամբ: Հետաքրքրական է, որ այս նամակին որոշ տողերը կը նմանէին Համագումարին կողմէ մէկ շաբաթ առաջ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան: Իրականութեան մէջ, գրութիւնը նման էր փաստաբանի կողմէ կազմուած դատական գործի շարադրանքի մը, աւելի քան՝ ընթերցողի կարծիքը արտայայտող նամակի: Զարմանալիօրէն, այս նամակը ուղարկուած է ԱՄՆի եւ Գանատայի 10 հայկական թերթերու եւ կայքէջերու՝ խնդրելով զայն հրապարակել իբրեւ պատասխան իմ յօդուածիս, որ սակայն լոյս չէր տեսած այդ թերթերէն շատերուն մէջ:

Ես իսկապէս յոյս ունիմ, որ Համագումարի առաջնորդները ի զուր չեն վատներ իրենց ջանքերը՝ նամակագրական արշաւներ կազմակերպելով եւ ապարդիւն բանավէճերու մէջ մտնելով մամուլի անդամներուն հետ, քանի որ որեւէ իմաստ չկայ թերթերու միջոցով դատավարութիւնը դարձեալ կրկնելուն մէջ: Այս հարցը արդէն իսկ լուծուած է դատական կարգով, անկախ դաշնակցային դատաւորի կողմէ:

Այնուամենայնիւ, անցած շաբաթ, վէճերու եւ մեղադրանքներու տակ թաքնուած յոյսի նշոյլ մը յայտնուեցաւ: Հայկական Համագումարի նախագահ Հրայր Յովնանեանը, «Բաց նամակ»ով մը առաջարկեց, որ «կրնայ ըլլալ ինք կարենայ համոզել շահագրգիռ բոլոր կողմերը համաձայնելու բողոքարկում չներկայացնելու շուրջ», եթէ Քաֆէսճեան երաշխաւորէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին ստեղծումը: Քանի որ Ժ. Քաֆէսճեան արդէն իսկ նման պատրաստակամութիւն յայտնած է դատարանին մէջ, ուստի ժամանակն է վար դնելու սուրերը եւ փորձելու մեր հիմնական խնդիրը իրականացնել՝ հիմնել համահայկական մարմին մը, որ պիտի ստեղծէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը Ուաշինկթընի մէջ, մինչեւ 2015 թուականի Ապրիլ 24ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Քալիֆորնիան Ապահովագրական Ընկերութիւններու Դէմ Հայց Յարուցելու Վերջնաժամկէտը Կ՛երկարաձգէ Մինչեւ 2016 Թուական
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Տասնմէկ տարի առաջ, Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը երկարաձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն նպաստները չվճարած ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մինչեւ 2010 թուականի վերջաւորութիւնը:

Մինչեւ 2000 թուական, այդ ժառանգները չէին կրնար դատի տալ ապահովագրական ընկերութիւնները, քանի որ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը վաղուց անցած էր: Քալիֆորնիոյ օրէնսդրութեան համաձայն, նման հայց ներկայացնելու ժամկէտը կը սահմանուի 4 տարիով:

Նախորդ տասնամեակին, երբ հայցի վաղեմութեան ժամկէտը երկարաձգուեցաւ, ամերիկահայերը յաջողեցան ԱՄՆ դաշնակցային դատարաններուն մէջ, «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ ֆրանսական «ԱՔՍԱ» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնել:

Գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն եւ դրամատուներուն դէմ սկսած լրացուցիչ դատական գործընթացները տակաւին ընթացքի մէջ են: Դատական հայցին կողմ չհանդիսացող թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, այդ գերմանական ընկերութիւնները օրէնսդիր մարմինի սոյն որոշումը ձախողութեամբ վիճարկեցին դատարանին մօտ՝ պնդելով, թէ Քալիֆորնիոյ օրինագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայակոչումը ոտնձգութիւն է դաշնակցային կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ:

2010ի Դեկտեմբեր 31ի վերջնաժամկէտը աւարտելէ ետք, Ամերիկահայ համայնքը դիմեց Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինին, հայցի վաղեմութեան ժամկէտը եւս մէկ անգամ երկարաձգելու խնդրանքով, երբ պարզուեցաւ, որ ապահովագրական այլ ընկերութիւններ եւս չեն վճարած Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի իրենց յաճախորդներուն իրաւունքը հանդիսացող գումարները:

Թուրքիոյ կառավարութեան եւ ապահովագրական ընկերութիւններուն կողմէ դատական հետագայ վիճարկումներէ խուսափելու նպատակով, ոմանք պնդեցին, թէ թերեւս անհրաժեշտ չըլլայ Քալիֆորնիոյ նոր օրինագիծին մէջ վկայակոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ ընկերութիւնները պայմանագրային պարտաւորութիւն ունին՝ վճարել շահառուներուն, անկախ մահուան պատճառէն: Այնուամենայնիւ, օրէնսդիրը որոշեց տեղի չտալ թրքական ճնշումներուն եւ պահպանել Հայոց Ցեղասպանութեան վկայակոչումը, մանաւանդ որ Ցեղասպանութեան զոհերուն կողմէ հայց յարուցելու ժամկէտի երկարաձգման հիմնաւորումը այն էր, թէ վերջիններս ժամանակին հայց ներկայացնելու համար, բնականաբար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր՝ մահուան վկայագիրներ եւ ապահովագիրներ, չեն ունեցած:

Ուշագրաւ է այն, որ Քալիֆորնիոյ նահանգը ապահովագրութեան մասին օրինագիծին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը սահմանէ հետեւեալ կերպով. «Օրէնսդիրը կ՛ընդունի, թէ 1915-1923 թուականներուն, հայերու նախնիներէն շատերը, որոնք կը բնակէին այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի տարածքին, ենթարկուած են ջարդի, խոշտանգումներու, սովամահութեան, մահուան երթերու եւ աքսորի: Այս ժամանակաշրջանը յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն»:

2011ի Ապրիլ 14ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը ընդունեց նոր օրինագիծը (AB173)՝ երկարաձգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը մինչեւ 2016ի Դեկտեմբեր 31: Հակառակ ինքնակոչ Քալիֆորնիոյ Խաղաղութեան եւ արդարադատութեան թրքական յանձնաժողովի առարկութիւններուն, օրինագիծը հաստատուեցաւ 10-0 ձայներով, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի իրաւաբանական կոմիտէին կողմէ, եւ 61-0 ձայներով՝ նահանգային լիակազմ խորհրդարանին կողմէ: «AB 173»ը, որ պաշտօնապէս կը սատարուի Քալիֆորնիոյ սպառողներու փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ նահանգային ու դաշնակցային, Շրջանային ու քաղաքային աշխատողներու կողմէ, ներկայացուած էր նահանգային խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ՝ 2011ի Յունուար 20ին: Խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աչաճեան օրինագիծին գլխաւոր համահեղինակն էր:

Խորհրդարանի իրաւական հարցերու խորհրդատուն օրինագիծի հետեւեալ ամփոփ նկարագրութիւնը տուաւ. «Գործող օրէնքը թոյլ կու տայ Հայոց Ցեղասպանութեան ոեւէ զոհի՝ ինչպէս սահմանուած է՝ կա՛մ ժառանգին, կամ շահառուին, որ կը բնակի այս նահանգին մէջ եւ ունի պահանջք, որ կը բխի 1875-1923 թուականներուն ապահովագրողին կողմէ Եւրոպայի կամ Ասիոյ մէջ գործող կամ գնուած ապահովագիրէ կամ ապահովագիրներէ, դիմել այս նահանգի դատարանը՝ իր պահանջքը վերականգնելու համար: Գործող օրէնքը նաեւ կը նախատեսէ, թէ որեւէ դատական հայց, որ տակաւին ընթացքին մէջ է՝ ներառեալ այն հայցերը, որոնք ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհի կամ անոր ժառանգի թէ շահառուի կողմէ՝ Քալիֆորնիոյ բնակիչ (resident) թէ ոչ, որ կը ցանկայ ստանալ 1875-1923ի ընթացքին տրուած կամ գործող ապահովագիրներով նախատեսուած նպաստները, պէտք չէ անբավարար մնան՝ հայցի վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու պատճառով, պայմանով, որ հայցը յարուցուած ըլլայ մինչեւ 2010ի Դեկտեմբեր 31ը: Օրինագիծով հայց յարուցելու վերջնաժամկէտը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 2016ի Դեկտեմբեր 31: Այս օրինագիծով կը յայտարարուի, թէ անիկա պէտք է անմիջապէս ուժի մէջ մտնէ՝ իբրեւ հրատապ կանոնադրութիւն»:

Նահանգի խորհրդարանին կողմէ Ապրիլին հաստատուելէ ետք, օրինագիծը ներկայացուեցաւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի իրաւաբանական յանձնախումբին, 2011ի Մայիս 12ին: Ապա, անիկա պիտի ուղարկուի լիակազմ Ծերակոյտին եւ պիտի ներկայացուի նահանգապետ Պրաունի ստորագրութեան: Այս օրինագիծով, փոփոխութիւններ պիտի կատարուին Քալիֆորնիոյ Քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքի «354.4» բաժինին մէջ, որ ստորագրուած եւ ուժի մէջ մտած էր 2000ի Սեպտեմբեր 18ին: Նոր օրինագիծով պիտի երկարաձգուի ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն կողմէ հայց ներկայացնելու վերջնաժամկէտը 2010էն մինչեւ 2016ի վերջաւորութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցէն մէկ տարի անց՝ հնարաւորութիւն տալով աւելի շատ թիւով հայցեր ներկայացնելու իրաւախախտ ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝

ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՒՈՐԳԵԱՆ

Եւրոպայի Խոհուրդը Չէ Խաբուած Էրտողանի Երկերեսութենէն
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը անցեալ ամիս ամօթալի ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ):

Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ ներկայացած էր աւելի շատ իրբեւ Թուրքիոյ լոպիիստ, քան ԵԽԽՎի նախագահ, գովաբանական շռայլ խօսքերէ ետք, Էրտողանը հրաւիրեց բեմ: Չաւուշօղլու, իշխող Արդարադատութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան հիմնադիր անդամ է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ:

Իր երկար ելոյթին մէջ, վարչապետը անամօթաբար Եւրոպայի խորհրդարանականներուն համար ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան դասեր տուաւ: Հաշուի առնելով իր երկրին մէջ Մարդու իրաւունքներու ոլորտի տխուր պատկերը՝ Էրտողան պէտք չէ բարձրացնէր նման հարցեր: Յայտարարելով, որ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը «կենսական է Եւրոպական Միութեան» համար՝ ան իբրեւ «յիմարներ» բնութագրեց այն մարդիկը, որոնք դէմ են Թուրքիոյ ԵՄ անդամակցութեան՝ «պոպուլիստական եւ շինծու պատճառներով»:

Հանդէս գալով իր կառավարութեան ձեռքբերումներուն մասին կասկածելի եւ ուռճացուած շարք մը յայտարարութիւններով՝ Էրտողան հաւաստիացուց, թէ «Թուրքիան իրականացուցած է պատմական բարեփոխումներ, յատկապէս՝ ժողովրդավարացման ոլորտին մէջ…: Կառավարութիւնը նաեւ աշխատանքներ տարած է ազատութեան սահմանափակումները վերացնելու ուղղութեամբ: Վերջին տասնամեակին, ժողովրդավարութիւնը ամրապնդուած է եւ շատ հարցեր, որոնք տասնամեակ մը առաջ փակ էին քննարկուելու համար, այժմ կը քննարկուին ազատօրէն: Խոշտանգումներու նկատմամբ զերօ-հանդուրժողականութիւն կայ, իսկ ազատ արտայայտուելու խոչընդոտները վերացուած են: Ոմանք կը պնդեն, թէ ազատ խօսքի սահմանափակումներ գույութիւն ունին, սակայն ատիկա չի համապատասխաներ իրականութեան… Մամուլը ազատ է եւ ազատօրէն կը քննադատէ բոլորը…: Թուրքիոյ մէջ 26 լրագրող բանտարկուած կամ ձերբակալուած են՝ յանցագործ ըլլալու պատճառով, եւ ոչ թէ անոր համար, որ լրագրող են»: Այս անհաւատալի խօսքերը արտասանուեցան վարչապետին կողմէ… մարդ մը, որ մէկ վայրկեան իսկ չյապաղեցաւ դատի տալու այն թերթերը, որոնք իր ծաղրանկարը հրապարակած էին:

Երբ Էրտողան աւարտեց իր ելոյթը, Չաւուշօղլու փրկեց զայն ծանր կացութենէ՝ արտօնելով խորհրդարանական անդամներէն միայն քանի մը հատին, 30 երկվայրկեանուան ընթացքին ուղել իրենց հարցերը:

Էրտողան դժգոհեցաւ, երբ զուիցերիացի խորհրդարանական Անտրէաս Կրոս յիշեցուց «Թուրքիոյ պատմութեան մութ կողմը»՝ անոր հարցնելով, թէ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք ինչո՞ւ կը հետապնդուէր խօսքի ազատութեան իրաւունքէն օգտուելուն համար:

Ի պատասխան խորհրդարանական Անն Պրասիւրի (Լիւքսեմպուրկ) հարցումին՝ Թուրքիոյ մէջ գրաքննութեան մասին, վարչապետ Էրտողան յայտարարեց, թէ թրքական «դատարանները անկախ են եւ իրաւունք ունին հետաքննութիւնն իրականացնելու՝ ըստ իրենց հայեցողութեան»:

Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան հարցուց Էրտողանին, թէ ի՞նչ էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արձանագրութիւններու ստորագրման նպատակը, եթէ Թուրքիա պատրաստ չէ բանալու Հայաստանի հետ սահմանը, այնքան ատեն որ չէ լուծուած Արցախի հակամարտութիւնը:

Վարչապետը պատասխանեց, թէ Թուրքիան չի կրնար Հայաստանին արտօնել «ապօրինաբար խլել ատրպէյճանցիներէն իրենց իրաւունքները», եւ իսկապէս Հայաստանի հետ սահմանը փակ պիտի պահէ, մինչեւ որ լուծուի Ղարաբաղի հարցը: Ապա, Էրտողան հանդէս եկաւ շարք մը արտառոց յայտարարութիւններով: Ան անզգալաբար յիշեցուց եւրոպական լսարանին, Թուրքիոյ կողմէ 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու տեղահանման մասին՝ նշելով, որ թէեւ Թուրքիան կրնայ, սակայն տեղահան չ՛ըներ փաստաթուղթ չունեցող 40,000 հայաստանցի աշխատողներ: Ան նաեւ իր դժգոհութիւնը յայտնեց այն բանին համար, որ Հայաստանը բաւականաչափ ճնշում չի գործադրեր Սփիւռքին վրայ: Վարչապետը հաւանաբար մոռցած է, որ Եւրոպայի մէջ ապրող միլիոնաւոր ապօրինի թուրքեր նոյնպէս կրնան արտաքսուիլ: Էրտողան զգուշօրէն խուսափեցաւ Կարսի Հայ-թրքական բարեկամութեան յուշարձանը քանդելու իր անձնական հրամանին մասին՝ Ռուստամեանի հարցումին պատասխանելէ:

ԵԽՎՎի նիստի առաւել ամօթալի մասը Էրտողանի կոպիտ պատասխանն էր ֆրանսացի խորհրդարանական Միւրիէլ Մարլանտ-Միլիթելոյի՝ Թուրիքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան մասին հարցումին: Էրտողան վիրաւորեց կինը՝ նշելով, որ թրքերէն լեզուով տգէտ մարդը կը բնութագրուի իբրեւ «անձ մը Ֆրանսայէն», ուրկէ էր նաեւ ինք: Ան կինը հրաւիրեց Թուրքիա, ուր վերջինս կրնար պատկերացում մը կազմել երկրին մասին: Ի տխրութիւն Էրտողանի, պարզուեցաւ, թէ Մարլանտ-Միլիթելօ շատ աւելին գիտէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն մասին, քան ինքնին վարչապետը: Մարլանտ-Մլիթելօ յաջորդող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բացայայտեց, թէ ինք կը սերի հայ ընտանիքէ մը, որ փախած էր Թուքիայէն Ցեղասպանութեան ժամանակ: Էրտողան նաեւ կեղծօրէն յայտարարեց, թէ Աղթամար կղզիին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝ «այժմ բաց է պաշտամունքի համար»: Փաստն այն է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եկեղեցին վերածած էր պետական թանգարանի՝ արտօնելով, որ այնտեղ Ս. պատարագ մատուցուի միայն մէկ անգամ:

ԵԽԽՎի մէկ այլ անդամ՝ Նաիրա Զոհրաբեան, որուն Չաւուշօղլու թոյլ չտուաւ յղել իր հարցումը, նիստէն ետք, հետապնդեց Էրտողանը միջացքին մէջ, եւ մէկ կողմ հրելով թիկնապահները՝ անոր յանձնեց Ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած հայ մանուկներու լուսանկարներուն ալպոմը:

Մինչ վարչապետը կրնայ հեշտութեամբ տպաւորել իր երկրի բարեպաշտ հետեւորդները, ան ամբողջութեամբ ամօթալի դրութեան մէջ դրաւ ինքզինք Սթրազպուրկի մէջ ԵԽԽՎին տուած իր ելոյթին ընթացքին: Նկատի ունենալով անոր ամպագորգոռ թիւր յայտարարութիւնները՝ կարելի է յուսալ, որ Էրտողան յաճախակի ելոյթներ ունենայ եւրոպական լսարաններու առաջ, քանի որ այդպիսով ան պիտի օգնէ համոզել զանոնք, թէ Թուրքիան չի պատկանիր Եւրոպային:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Կայ Ժամանակ Դատ Բանալու, Եւ Ժամանակ՝ Համաձայնելու
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Դժբախտաբար, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի եւ յուշահամալիրի (AGM&M) ստեղծման վեհ եւ սուրբ գաղափարը Ուաշինկթընի մէջ հասաւ դատարանին դռները։ Սակայն, հակառակ ժողովուրդին մէջ տարածուած կարծիքին, խնդիրը պարզապէս երկու հարուստ անձերու՝ Ճերարտ Գաֆէսճեանի եւ Հրայր Յովնանեանի, միջեւ հակամարտութիւն չէր, ոչ ալ սոսկ տարաձայնութիւն՝ ծրագիրի չափին ու ծաւալին շուրջ։ Իսկական վէճը յառաջացաւ, երբ Հայկական Համագումարին առաջնորդները փորձեցին իրենց ձեռքը առնել «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ նուիրաբերուած բազմամիլիոն տոլար արժող թանգարանային շէնքերուն վերահսկողութիւնը եւ զրկել Գաֆէսճեանը՝ իբրեւ «AGM&M» բարեգործական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, որեւէ որոշում կայացնելու լիազօրութենէն։

Երկարատեւ դատավարութենէ ետք, դաշնակցային դատաւոր Քոլին Քոլար-Քոթելի, 2011ի Յունուար 26ին կայացուց վճիռ մը, թէ թանգարանային շէնքերը պէտք է վերադարձուին «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին։ Ան ուժի մէջ ձգեց 2003ի Նոյեմբեր 1ին Ամերիկայի Հայկական Համագումարին կողմէ ստորագրուած դրամաշնորհային համաձայնագիրով սահմանուած «վերադարձման դրոյթը», որով կը նախատեսուի, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան եւ յուշահամալիր ստեղծելու նպատակով Համագումարին նուիրաբերուած շէնքերը պիտի վերադարձուին «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին, եթէ Համագումարը չյաջողի աւարտին հասցնել թանգարանին ստեղծումը մինչեւ 2010 թուականի Դեկտեմբեր 31ը։ Այդ պարտաւորութիւնը հետագային փոխանցուեցաւ «AGM&M» կազմակերպութեան:

Ի պատասխան Համագումարին կողմէ ներկայացուած՝ 2011ի Յունուար 26ի վճիռը բողոքարկող նոր հայցին, դատաւոր Քոլար-Քոթելի 2011ի Մայիս 9ին կայացուց վերջնական որոշում մը՝ հրահանգելով, որ Համագումարը «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին փոխանցէ թանգարանի շէնքերուն սեփականութիւնը, ոչ ուշ քան 2011ի Մայիսի 23ը։ Ան մերժեց Համագումարին՝ դատը վերստին սկսելու պահանջքը։ Ան նաեւ խնդրեց դատաւորի օգնականէն, որ իրեն ներկայացնէ «AGM&M»ի կողմէ փոխհատուցման ենթակայ՝ Գաֆէսճեանի իրաւաբանական ծախսերուն ճշգրիտ գումարը:

«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը վստահաբար գոհ է կայացուած վճիռէն, իսկ Համագումարը հաւանաբար կը քննարկէ իր իրաւական տարբերակները։ Սակայն, հաշուի առնելով «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի օգտին դատաւորին վերջին երկու վճիռները՝ լրացուցիչ դատավարութիւնները կամ բողոքարկումները ո՛չ կը բխին Համագումարին, ո՛չ ալ ամերիկահայ համայնքի շահերէն։ Ժամանակն է վերջ դնելու դատական քաշքշուկներուն եւ կեդրոնանալու գլխաւոր նպատակին վրայ՝ կառուցել Ցեղասպանութեան թանգարանը։

«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի նախագահ Ճերարտ Գաֆէսճեանը, ճիշդ որոշում կայացուց՝ յայտարարելով, որ «դատարանի եզրափակիչ վճիռը մեզի ազատութիւն կու տայ, որպէսզի կառուցենք Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ շարունակուող հետեւանքներուն մասին վկայող՝ երկար ատենէ սպասուած այս թանգարանը եւ յուշահամալիրը»:

«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի խորհուրդի անդամ Ռոս Վարթեան խոստացաւ, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը վերսկսի թանգարանին ծրագիրը՝ «շահագրգիռ ԲՈԼՈՐ կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն մասնակցութեամբ»։ «Ամերիկայի Ձայն»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, Վարթեան յստակացուց, որ «Գաֆէսճեան» հիմնադրամը կ՛ողջունէ Հայկական Համագումարին մասնակցութիւնը համա-համայնքային նման կազմին:

Ասիկա չափազանց խելամիտ մօտեցում է։ Ինչպէս Աստուածաշունչին մէջ կ՛ըսուի. «Ամէն ինչ ունի իր եղանակը… կայ ժամանակ քանդելու եւ ժամանակ՝ կառուցելու… կայ պատերազմի ժամանակ եւ խաղաղութեան ժամանակ»։ Այս պարագային, կարելի է աւելցնել՝ կայ ժամանակ դատ բանալու, եւ ժամանակ՝ համաձայնելու։

Մէկ տասնամեակ առաջ, երբ Հայկական Համագումարի խորհուրդի նիստին, առաջին անգամ կը քննարկուէր Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գաղափարը, նախքան որեւէ ներքին վէճերու ի յայտ գալը, կազմակերպիչները հարցուցին իմ կարծիքը իրենց նախաձեռնութեան մասին։ Ես անոնց առաջարկեցի հրաւիրել ամերիկահայ գլխաւոր կազմակերպութիւնները մասնակցելու այս համա-համայնքային ջանքերուն՝ դրամահաւաքը եւ համահայկական այս ծրագիրի գործադրումը վերահսկելու ուղղութեամբ։ Այն ժամանակ, ցաւօք, իմ խորհուրդը միաձայնութեամբ մերժուեցաւ։

«Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը ներկայիս կը շարժի ճիշդ ուղղութեամբ՝ հրաւիրելով ամերիկահայ գլխաւոր կազմակերպութիւնները, ներառեալ՝ Հայկական Համագումարը, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար կարկառուն դէմքերը, համախմբուելու եւ կեանքի կոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ու յուշահամալիրի ստեղծման՝ երկար ժամանակէ ի վեր ձգձգուած շնորհալի այս ծրագիրը, մինչեւ 2015ի Ապրիլ 24ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը։ Այս վեհ նպատակը չորս տարուան ընթացքին իրագործելու համար, ամէն ոք պէտք է մէկ կողմ դնէ այլ նկատառումներ եւ կեդրոնանայ այս հսկայական ծրագիրի իրագործման վրայ։ Ներքին հայկական մանր-մունր վէճերը միայն թուրքերուն առիթ կու տան ծաղրուծանակի ենթարկելու հայերն ու անոնց սուրբ Դատը։ Դատավարութիւններու եւ բողոքարկումներու վրայ աւելորդ ժամանակ եւ դրամ վատնելու փոխարէն, դրամական միջոցներն ու ուժերը պէտք է ուղղուին աւելի քան 100 միլիոն տոլար արժող այս կարեւոր համալիրի ստեղծման:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը, որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի սիրտը՝ Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս անդին, պիտի ըլլայ 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն նուիրուած յիշատակարան եւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու աննկուն ոգիի յարգանքի տուրքը։

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

Սարքոզին Իր Խաբէութեամբ Անցաւ Օպամայի Կարգին. Երկուքն Ալ Պէտք Չէ Վերընտրուին 2012ին
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

2012 թուականին, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի հայերը ընդհանուր մարտահրաւէր մը ունին. ամէն ինչ ընել՝ կանխելու համար իրենց խաբեբայ նախագահներուն վերընտրութիւնը:

Ո՛չ Նիքոլա Սարքոզին, ոչ ալ Պարաք Օպաման կատարեցին հայ ընտրողներուն տուած իրենց խոստումները: Ֆրանսայի նախագահը չկատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծին աջակցելու իր յանձնառութիւնը, իսկ ամերիկացի ղեկավարը խախտեց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը: Օպամայի դրժած խոստումներուն երկար շարանը հանրայայտ է, սակայն քիչերը գիտեն Սարքոզիի խաբէութեան մասին: 2001ի Յունուարի 29ին, նախագահ Ժագ Շիրակ օրէնքով հաստատեց 1998ի Մայիս 29ին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին, իսկ 2000ի Նոյեմբեր 7ին՝ Ծերակոյտին կողմէ, ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումը: Այնուհետեւ, հայ համայնքը խնդրագիր մը ներկայացուց Ֆրանսայի կառավարութեան՝ պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման «յանցանքին» համար սահմանել 45,000 եուրոյի չափով տուգանք եւ 5 տարիով ազատազրկում՝ համանման հրէական Ողջակիզման ժխտման քրէականացման օրէնքին:

Այս տրամաբանական ակնկալիքը լուրջ բանավէճի վերածուեցաւ, Ֆրանսայի վրայ թրքական ճնշումին եւ ֆրանսացի որոշ մտաւորականներու հակադրութեան պատճառով. անոնք յամառօրէն կը պաշտպանէին խօսքի ազատութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ, Ֆրանսայի կառավարութիւնը կը փորձէր կանխել սոյն հարցին վերաբերեալ քուէրարկութիւնը Ազգային ժողովէն ներս:

Ֆրանսացի մտաւորականները, որոնք կ՛առարէին այս օրէնքին դէմ՝ նկատի ունենալով խօսքի ազատութեան սահմանափակումը, կ՛անտեսէին այն փաստը, որ 1990 թուականէն ի վեր, Ֆրանսայի մէջ նման օրէնք մը գոյութիւն ունէր՝ Ողջակիզումը ժխտողները պատժելու համար: Միւս կողմէ, թուրք ուրացողներուն առաջ քաշած առարկութիւնները լրիւ անհեթեթ էին: Թուրք բռնակալ ղեկավարները ոչ մէկ իրաւունք ունէին խօսքի ազատութեան դաս տալու ֆրանսացիներուն, երբ իրենց սեփական երկրին մէջ անոնք կը ձերբակալեն լրագրողները, գրաքննութեան կ՛ենթարկեն լրատուամիջոցները ու կ՛արգիլեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Դժբախտաբար, որոշ բարեմիտ, սակայն միամիտ հայեր եւ անոնց ազատամիտ թուրք ընկերները եւս ընդդիմացան առաջարկուող օրէնքին՝ այդ ձեւով ակամայ աջակցելով թրքական ժխտողականութեան: Անոնք դէմ կ՛արտայայտուէին այս օրինագիծին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արգիլող թրքական Քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածը հաւասարեցնելով առաջարկուող՝ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող ֆրանսական օրէնքին: Ասիկա անհեթեթ համեմատութիւն է, քանի որ թրքական օրէնքով յանցագործութիւն կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնն ըսելը, մինչդեռ ֆրանսական օրէնքով, յանցագործութիւն կը համարուի ատոր մասին ստելը: Ինչո՞ւ ազատամիտ թուրքերն ու ֆրանսացի մտաւորականները, որոնք կը պնդէին, թէ կ՛աջակցին խօսքի ազատութեան, չէին առարկեր Ողջակիզման ժխտումը քրէականացնող համանման ֆրանսական օրէնքին: Արդեօք այդ օրէնքը նոյնպէս չի սահմանափակեր խօսքի ազատութիւնը: Ինչո՞ւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը հաւասարապէս պաշտպանուած չըլլան ֆրանսական օրէնքով:

Երկարատեւ քննարկումներէ եւ ձգձգումներէ ետք, Ֆրանսայի Ազգային ժողովը 2006ի Հոկտեմբեր 12ին վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը եւ զայն ուղարկեց Ծերակոյտ, ուր սառեցուած մնաց մինչեւ անցեալ շաբաթ:

Մինչ Սարքոզի նախագահութեան թեկնածու էր, ան շարունակաբար կը խոստանար աջակցիլ այդ օրէնքի ընդունման՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս: Սակայն իբրեւ նախագահ, ան ամբողջովին փոխեց իր դիրքորոշումը եւ հակադրուեցաւ անոր: Շարլ Ազնաւուրի եւ Ֆրանսայի ազդեցիկ հայ համայնքին կողմէ խիստ քննադատութեան ենթարկուելէ ետք, եւ գիտակցելով, որ շատ ետ մնացած է յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններու իր հաւանական հակառակորդներէն՝ նախագահ Սարքոզի վերջերս հանդիպեցաւ քանի մը յայտնի ֆրանսահայերու հետ եւ խոստացաւ չխոչընդոտել օրինագծի ընդունումը Ծերակոյտին մէջ: Սակայն այդ մէկը անբաւարար էր եւ քիչ մը՝ ուշացած: Թուրքիոյ ղեկավարներուն անգամ մը եւս սանձազերծած ուժեղ քարոզչութենէն ետք, Ֆրանսայի կառավարութիւնը յանձնարարած էր Ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն կազմող Սարքոզիի կուսակցութեան (Ժողովրդական շարժման միութիւն կուսակցութիւնը) հակադրուիլ այդ օրինագիծին: Մայիս 4ին, երեք ժամ տեւած քննարկումներէ ետք, Ծերակոյտը ձայներու 196-74 յարաբերակցութեամբ մերժեց օրակարգի վրայ պահել օրինագիծը:

Այս օրինագիծին համար պայքարը բնաւ չէ աւարտած: Ներկայիս ֆրանսահայերը, օգտուելով հարցախոյզներու մէջ նախագահ Սարքոզիի վատ վարկանիշէն՝ պէտք է իրենց ուժերը համախմբեն ֆրանսացի ընտրողներու մեծամասնութեան հետ, յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածուին աջակցելու համար, ինչպէս որ ամերիկահայերը կը պատրաստուին ընդդիմանալու նախագահ Օպամային, 2012ի ընտրութիւններուն ընթացքին:

Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարը, փորձելով գալիք ընտրութիւններուն համար չխրտչեցնել ֆրանսահայ ընտրողները՝ առաջարկած է ստեղծել հայերէ եւ նախարարութեան պաշտօնեաներէ կազմուած միացեալ յանձնաժողով մը, որ դատարաններու ուշադրութեան պիտի յանձնէ Ցեղասպանութեան ժխտման դէպքերը: Ասիկա ողջունելի քայլ է եւ կը համապատասխանէ Ողջակիզման առնչութեամբ գոյութիւն ունեցող յանձնաժողովին, սակայն ֆրանսահայերը, այնուամենայնիւ, պէտք է յամառօրէն պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք ունենալու հարցը:

Քանի որ քաղաքական գործիչները թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ վատ համբաւ ունին՝ իրենց խոստումները դրժելու առումով, ապա երկու երկիրներուն մէջ հայերը կրնան իրենց նպատակներուն հասնիլ միայն իրենց միջոցները միաւորելով եւ ընտրողներու համախոհ «պլոք» ձեւաւորելով, որպէսզի սատարեն իրենց քաղաքական կողմնակիցներուն եւ հակազդեն հակառակորդներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան

«FOX» Պատկերասփիւռի Ընկերութիւնը Երկու Հարցազրոյց Հեռարձակեց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ
Լոս Անճելըսի «FOX» պատկերասփիւռի ընկերութիւնը երկու օր անընդմէջ ուղիղ եթերով Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցազրոյցի մը հրաւիրած էր տողերուս հեղինակը: Առաջինը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24ին, կայանի երեկոյեան լուրերու ծրագիրին ընթացքին, եւ տեւեց հինգ վայրկեան, իսկ երկրորդը՝ աւելի քան վեց վայրկեան տեւողութեամբ, տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 25ին, «Good Day LA» «շօ»ի ընթացքին:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ այդ երկու հարցազրոյցներէն.

Ապրիլի 24, 2011

«FOX».- Այժմ մեզ միացաւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան: Ան նաեւ հրատարակիչն է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին, որ կը հրապարակուի այստեղ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցն է: Անիկա շատերուս համար նաեւ տեսակ մը շփոթութիւն յառաջացնող հարց է, քանի որ ամերիկահայերը կը փափաքին, որ նախագահը ըսէ, յայտարարէ, թէ ատիկա «ցեղասպանութիւն էր»: Սակայն, քիչ առաջ, նախքան լուրերու թողարկման մասնակցիլը, Դուք ըսիք, որ իսկապէս կարեւոր չէ՝ նախագահը ըսէ այդ մէկը, թէ ոչ: Ինչո՞ւ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Որովհետեւ մենք արդէն մէկ այլ նախագահ ունեցած ենք՝ Ռոնալտ Ռեկընը, որ 30 տարի առաջ՝ 1981ին, իր նախագահական Հռչակագիրին մէջ նշած է Հայոց Ցեղասպանութիւն բառերը: Բացի ատկէ, ունինք Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակող երկու բանաձեւ, որոնք Քոնգրեսին կողմէ ընդունուած են 1975 եւ 1984 թուականներուն:

«FOX».- Պարոն Սասունեան, մարդիկ, որոնք ծանօթ չեն 1915ի Ցեղասպանութեան, կրնան հարցնել՝ ուրեմն ինչո՞ւ կը բողոքէք թրքական հիւպատոսութեան առջեւ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Մենք պարզապէս կը ցանկանք, որ նախագահը եւ քաղաքական ոեւէ այլ գործիչ իմանայ, որ եթէ ան մեր մօտ գայ իբրեւ թեկնածու, (դատարկ) խոստումներ տայ եւ հետագային մեր ձայներով ու գումարներով ընտրուի, ապա մենք մտադիր չենք լուռ մնալ. մենք կը պատրաստուինք մեր անհամաձայնութիւնը արտայայտելու եւ ամէն ինչ ընելու, որ ան չվերընտրուի:

«FOX».- Ուրեմն, այնքան ալ բաւարար չէ ունենալ միայն նախագահ Ռեկընին հռչակագիրը, ունենալ Արդարադատութեան նախարարութեան 1951 թուականի փաստաթուղթը, ուր գրուած է, որ այդ մէկը «Ցեղասպանութիւն» էր: Դուք կը փափաքի՞ք, որ անիկա հաստատուի ներկայի վարչակազմին կողմէ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Լաւ կ՛ըլլայ, որ անոնք հաստատեն, սակայն մենք կը փորձենք ուղերձ յղել նախագահին եւ բոլոր քաղաքական գործիչներուն, որ եթէ անոնք խոստում տան մարդկանց, ապա պարտաւոր են կատարել իրենց խոստումը: Չես կրնար կեղծ խոստում տալ, վերցնել անոնց գումարները, անոնց քուէները, իսկ յետոյ այնպէս վարուիլ, որ կարծես ոչինչ պատահած է: Անոնք սուղ կը վճարեն ատոր համար: Մենք պէտք է ամբողջովին փոխենք քաղաքական խեղկատակութիւնը այս երկրին մէջ, ուր հանգիստ կերպով կը ստեն հասարակութեան:

«FOX».- Իմանալով, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական դաշնակիցն է, արդեօ՞ք Դուք կ՛ակնկալէք, որ ոեւէ նախագահ ներկայիս կամ հետագային դուրս գայ եւ ըսէ, որ «Օսմանեան կայսրութիւնը հայերուն դէմ Ցեղասպանութիւն իրագործած է»:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Մեծ տարբերութիւն կայ քաղաքականութեան եւ պատմական փաստերուն միջեւ: Պատմական փաստերը չեն փոխուիր ժամանակի ընթացքին: Եթէ իրադարձութիւնը տեղի ունեցած է, ուրեմն՝ իսկապէս տեղի ունեցած է… Այսպիսով, մեր դաշինքները կամ յարաբերութիւնները, լաւ կամ վատ, պէտք չէ ազդեն պատմական իրողութիւններու վրայ:

«FOX».- Երէկ հայ բռնցքամարտիկ Վիք Դարչինեան, հարթակի վրայ յայտնուած էր՝ գօտիին վրայ մեծ թուանշաններով գրուած՝ «1915», իսկ մարզական «blog»ի մէջ գրած էր. «Եթէ դուք չէք լսած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին…» եւ այնուհետեւ սկսած էր բացատրելու այդ մասին: Արդեօ՞ք Ձեզ չի նեղացներ այն, որ ամերիկահայերէն բացի, այդքան շատ մարդ իրականութեան մէջ անտեղեակ է այդ մասին:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ատիկա զիս այնքան ալ չի նեղացներ, որովհետեւ մարդկանց մեծ մասը աշխարհի մասին շատ բան չի գիտեր: Անոնք այնքան ալ մօտիկէն չեն հետեւիր լուրերուն, ինչպէս մեզմէ ոմանք: Զիս աւելի շատ մտահոգեց այն, որ լրատուական թողարկումին սկզբը Դուք ըսիք. «Հայերը կը պնդեն, որ ատիկա Ցեղասպանութիւն էր»: Հայերը չեն պնդեր Ցեղասպանութիւնը: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Ցեղասպանութիւնը եղած է. հարիւրաւոր պատմաբաններ, ԱՄՆ 43 նահանգները, Քոնկրեսը՝ երկու անգամ, նախագահ Ռեկընը, 25 տարբեր պետութիւններ խորհրդարանական որոշումներ ընդունած են: Միայն այն պատճառով, որ Թուրքիան՝ ոճրագործ վարչակարգի իրաւայաջորդը, այդ մէկը կը ժխտէ, ատիկա չի դառնար մերկապարանոց յայտարարութիւն կամ պնդում: Ատիկա պատմական փաստ է: Թուրքիան քաղաքական պատճառներով չի ցանկանար առերեսուիլ իր սեփական պատմութեան հետ:

«FOX».- Ես կը կարծեմ, որ այդպէս գրուած էր, եւ այդպէս հաղորդելով՝ մենք նպատակ ունէինք ցոյց տալ հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ առկայ հակադրութիւնը, ընդ որում՝ Ձեր դիտողութիւնը ընդունուած է:

Շնորհակալութիւն ուղղման համար:

Ապրիլ 25, 2011

«FOX».- Երէկ ամբողջ աշխարհին մէջ՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման արարողութիւններ (կայացան). շատ վիճայարոյց պատմական իրադարձութիւն մը. գուցէ 1.5 միլիոն մարդ մահացած կամ սպաննուած է ատոր հետեւանքով: Մեզ միացած է Յարութ Սասունեանը: Ան Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահն է եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» հայկական թերթին խմբագիրը: Մենք ամէն տարի կը նշենք այդ մէկը: Հարցին էութիւնը հետեւեալն է. Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, ներկայիս նախագահը, նախորդ նախագահը, անոր նախորդը, բոլորը իրենց նախընտրական շրջանին մեծ-մեծ յայտարարութիւններ կ՛ընեն՝ ըսելով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի իբրեւ Ցեղասպանութիւն, ինչպէս Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի ժամանակուան Ողջակիզումը: Երեք նախագահներն ալ նախընտրական խոստում տուած են, երեքն ալ պաշտօնը ստանձնելէ ետք Թուրքիան դիտած են իբրեւ խիստ անհրաժեշտ դաշնակից՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ու չեն կատարած իրենց խոստումը:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ընդհանուր առմամբ, բոլոր քաղաքական գործիչները տարբեր թեմաներու վերաբերեալ տուած իրենց խոստումները կատարելու առումով, շատ վատ են: Սակայն, երբ խօսքը կը վերաբերի այս թեմային, ապա այստեղ առկայ է տհաճ իրավիճակ մը, ուր մարդիկ քաղաքականութիւնը կը շփոթեն պատմութեան հետ: Կրնաք Թուրքիոյ հետ մնալ իբրեւ լաւ բարեկամներ, լաւ դաշնակիցներ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ չխեղաթիւրել պատմական փաստերը… Այսպիսով, մենք պէտք չէ քաղաքականութիւնն ու պատմութիւնը խառնենք: Պէտք է արդարացի ըլլալ փաստերուն հանդէպ, բայց կարելի է նաեւ շարունակել բարեկամներ մնալ, առեւտուր ընել եւ պահպանել ռազմական յարաբերութիւնները:

«FOX».- Թոյլ տուէ՛ք պարզապէս «սատանայի փաստաբան»ի դեր խաղալ, իբրեւ թէ հիմա ես կը ներկայացնեմ նախագահը: Այո, ճիշդ է, բայց այս պահուն, իմ տեսանկիւնէն՝ մենք այնպիսի վիճակի մէջ ենք, որ մենք չենք ուզեր վիրաւորել Թուրքիան, եւ անոնք յստակօրէն հասկցուցած են մեզի, թէ խիստ կը վիրաւորուին այդ հարցէն:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Առաջին հերթին, ատիկա կատարուած է Օսմանեան կայսրութեան եւ ոչ թէ Թուրքիոյ հանրապետութեան կողմէ, որ այն ժամանակ գոյութիւն չունէր: Երկրորդ, Գերմանիան ոչ մէկ խնդիր ունեցաւ՝ ճանչնալով նացիստական վարչակարգին կատարածը: Չկայ որեւէ պատճառ, որ կը խանգարէ ժամանակակից Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումը այն իրողութեան, որ կատարուած է իր նախորդին կողմէ…

«FOX».- Տարիներու ընթացքին Թուրքիան մեզի համար աւելի ու աւելի կարեւոր կը դառնայ:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Ան աւելի կարեւոր կը դառնայ, սակայն վերջերս մեզի համար նաեւ մեծ փորձանք կը դառնայ, քանի որ անոնք կը վերածուին աւելի արմատական իսլամական վարչակարգի եւ կ՛ուժեղացնեն իրենց կապերը Իրանի, Սուրիոյ եւ այլ արմատական վարչակարգերու հետ:

«FOX».- Ես կը կարծեմ, որ վարչակարգը կը վախնայ առաւել մղուելէ դէպի այդ ճամբարը, եթէ ճանաչման քայլ կատարէ այդ գծով:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Խնդիրը այն է, որ աշխարհաքաղաքական նկատառումներով, մենք կը զիջինք մեր սկզբունքներն ու արժէքները: Մենք պէտք է անոնք տարանջատենք: Պէտք է ըսել՝ ահա՛, այստեղ են փաստերը, այստեղ՝ պատմութիւնը, այստեղ՝ մեր արժէքները, եւ դուք պէտք է զանոնք ընդունիք: Որքան շատ կը գոհացնենք բռնակալները, մարդկանց, որոնք կը ժխտեն պատմութեան փաստերը, անոնք աւելի պահանջկոտ կը դառնան:

«FOX».- Գիտէք, անկէ (Ցեղասպանութնէն) ետք անմիջապէս կործանուած Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ընթացքին, թուրքերը ըսած են. «Ցեղասպանութիւն չէր, ատիկա պատերազմի մշուշն էր, մարդիկ կը մեռնէին պատերազմէն, մարդիկ կը մեռնէին հիւանդութենէ. անիկա ծրագրուած չէր, ուստի անիկա Ցեղասպանութիւն չէր», իսկ դուք կ՛ըսէք…

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Հարիւրաւոր պատմաբաններ, Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան փորձագէտներ, միացեալ նամակ ստորագրած են՝ ըսելով, որ անիկա Ցեղասպանութիւն էր: Մենք ունինք դատական գործեր՝ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւն, Եւրոպական խորհրդարան, որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նաեւ բազմաթիւ երկիրներ, ԱՄՆ նահանգներ եւ նախագահ Ռեկընը ըսած են, որ ատիկա Ցեղասպանութիւն էր:

«FOX».- Գիտեմ, որ ճանաչում կ՛ուզէք. եղած է որոշակի ճանաչում, բայց՝ թերեւս ոչ բաւարար: Ուրիշ ի՞նչ կ՛ուզէք:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Իրօք, այն, ինչ մենք կ՛ուզենք ճանաչումը չէ, որովհետեւ իմ տեսանկիւնէն՝ աշխարհը գիտէ, որ ատիկա Ցեղասպանութիւն էր: Որոշ մարդիկ չեն ուզեր այդ մէկը հրապարակաւ ըսել: Սակայն, այն, ինչ մենք իրօք կ՛ուզենք՝ հետեւեալն է. մենք շատ կորսնցուցած ենք. բազմաթիւ սպաննուածներէն բացի, մենք կորսնցուցած ենք նաեւ մեր մշակոյթը, մեր եկեղեցիները, մեր հողերը եւ մեր անձնական ունեցուածքը: Բոլոր հայերը ունեցած են տուներ, կալուածներ, սեփականութիւն եւ դրամատնային հաշիւներ: Մենք այդ բոլորը կորսնցուցած ենք: Այնպէս որ, իմ նպատակն է դիմել դատարան՝ Համաշխարհային դատարան, Եւրոպական դատարան եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններ: Մենք կը ցանկանք, որ թուրքերը փոխհատուցում վճարեն եւ կը փափաքինք վերականգնել արդարութիւնը՝ անոնց գործած այդ ահրելի ոճրագործութեան համար: Ատիկա մեզի համար շատ աւելի կարեւոր է, քան ոեւէ քաղաքական գործիչի շուրթերէն հնչած խօսքը:

«FOX».- Իրողութիւնն այն է, որ պաշտօնական ճանաչման մէկ մակարդակի բացակայութիւնը, թեման շատ վառ կը պահէ, եւ որոշ առումով՝ անիկա առաւելութիւն ալ ունի, որովհետեւ միշտ, ամէն ատեն կը խօսինք ատոր մասին:

ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ.- Դուք ամբողջութեամբ ճիշդ էք… եկէք պահ մը մոռնանք նախագահ Օպամայի մասին: Եթէ նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահը վաղը առաւօտ յայտարարէ, որ ատիկա «Ցեղասպանութիւն» էր, ապա շատ մարդիկ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ գուցէ նոյնիսկ որոշ հայեր ըսեն, թէ՝ մենք վերջապէս հասած ենք մեր նպատակին, ուստի եկէք առաջ շարժինք: Ուրեմն, կրնայ ըլլալ մեր օգտին է այն, որ թուրքերը կը շարունակեն ժխտել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան

Պարոն Նախագա՛հ, Ամերիկահայերը Կը Մերժեն Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Ձեր Վիրաւորական Բառախաղերը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հակառակ նախագահ Օպամային ուղղուած ամերիկահայերուն յամառ յորդորներուն՝ խուսափելու համար Ապրիլ 24ի ամէնամեայ իր ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փոխարէն «Մեծ Եղեռն» բառեզրը օգտագործելէն, երեք տարի անընդմէջ ան կը շարունակէ նոյն ձեւով վարուիլ:

Ըստ երեւոյթին, թրքական ժխտողական վարչակարգի կամակատարները եւ անոնց ամերիկեան կողմնակիցները կրցած են պարտադրել Միացեալ Նահանգներու նախագահին խուսափիլ «genocide» կամ անոր համարժէք հայերէն «ցեղասպանութիւն» եզրի որեւէ յիշատակումէ: Այլապէս, ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ամերիկեան հասարակութեան պէտք է դիմէր քիչերու համար հասկնալի՝ օտար լեզուով: Հայերէն լեզուով «Մեծ Եղեռն» բառերուն օգտագործումը պարզապէս նպատակ ունի խաբել որոշ դիւրահաւատ ամերիկահայերը: Ասիկա աժան հնարք մըն է, որ չի հարիր նախագահի արժանապատուութեան:

Նախագահ Օպամա անցած երեք տարիներուն ընթացքին, իր գործելակերպը շտկելու եւ «Մեծ Եղեռն» եզրի օգտագործումէն հրաժարելու փոխարէն, ճիշդ հակառակն է որ կ՛ընէ: Անհաւատալիօրէն, այս տարուան Ապրիլ 24ի ուղերձին մէջ, ան այդ եզրը կ՛օգտագործէ ոչ թէ մէկ կամ երկու, այլ՝ երեք անգամ: Նախագահը, առանց ամչնալու, կը շարունակէ իր նախորդներուն անհեթեթ եւ վիրաւորական բառախաղերը, զորս ան խստօրէն քննադատած էր ժամանակին, Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելով մեղմացուած ձեւով մը՝ իբրեւ «սարսափելի դէպքեր», «վայրագութիւններ», «ջարդեր» կամ «աղիտալի իրադարձութիւններ»:

Այս ամսուան սկիզբը, նախագահ Օպամա յայտարարեց նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը անգամ մը եւս դնելու մասին, եւ ամերիկացիներէն խնդրեց վերընտրել զինք՝ յաջորդ չորս տարիներուն համար: Իմ կարծիքով, ան, որ բացայայտօրէն կը խախտէ սեփական խոստումները թէ՛ հայկական, եւ թէ ոչ-հայկական հարցերու շուրջ, անոնց շարքին նաեւ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, արժանի չէ վերընտրուելու: Դժուար է պատկերացնել, որ ինքզինք յարգող ոեւէ հայ մարդ կրկին անգամ քուէարկէ Օպամայի օգտին:

Նախագահ Օպամայի դրժած խոստումներուն հանդէպ իրենց վրդովմունքը արտայայտելու համար, հազարէ աւելի ամերիկահայեր Ապրիլ 24ի նախօրէին աղմկոտ ցոյց կազմակերպած էին Քալվըր Սիթիի «Sony Studios»ին դիմաց, նախագահի օգտին դրամահաւաքի մեծ վայրը: Անոնց սրտնեղած ուղերձը լայնօրէն տարածուեցաւ ամերիկեան եւ միջազգային լրատուամիջոցներով: Գրեթէ բոլոր լուրերու սփռումներուն մէջ ընդգծուած էր ցուցարարներուն անվստահութիւնը նախագահ Օպամայի հանդէպ՝ ստուեր ձգելով անոր նախընտրական քարոզարշաւի խանդավառութեան վրայ:

Ցուցարարներու ուղերձին արձագանգը շեշտելու գործին կը նպաստէր «System of a Down» հանրայայտ խումբի մեներգող Սերժ Թանգեանը, որուն ներկայութիւնը ու կրակոտ ելոյթը կ՛ոգեւորէին ամբոխը՝ գրաւելով մեծ թիւով լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը:

Ցոյցին կարեւոր աջակցութիւն բերած էր նաեւ պատկերասփիւռի աստղերէն Քիմ Քարտաշեանը, որ «twitter» ցանցին վրայ հաղորդագրութիւն ուղարկած էր իր 7.2 միլիոն հետեւորդներուն՝ «պլակ»ին (blog) մէջ տեղադրելով հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Այսօր հազարաւոր հայեր պիտի հաւաքուին Լոս Անճելըս բողոքելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ, եւ կոչ պիտի ընեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յոյսով եմ, որ կը յաջողիմ ուշադրութիւն հրաւիրել ատոր վրայ այսօր»:

«ABC» եւ «FOX» պատկերասփիւռի կայաններէն իմ վերջին ելոյթներուն ընթացքին ես բացատրեցի, թէ ցոյցը նպատակ չունէր աղաչել նախագահ Օպամայէն օգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը: Անիկա աւելի շատ լուրջ պատգամ մըն էր՝ ուղղուած անոր եւ քաղաքական միւս գործիչներուն, թէ ամերիկահայերը այլեւս պիտի չլռեն, երբ ընտրուած պաշտօնեան նախընտրական շռայլ խոստումներ տալով ստանայ անոնց ձայներն ու դրամները, իսկ ընտրութիւններէն ետք անտեսէ զանոնք: Այդ պաշտօնեաները պէտք է քաղաքական մեծ գին վճարեն իրենց երկդիմութեան համար: Ժողովրդավարութիւն գործելու համար, քաղաքացիները պէտք է ամէ՛ն ինչ ընեն, որպէսզի անպարկեշտ քաղաքական գործիչները չվերընտրուին: Մէկ անգամ խաբուած ըլլալը վատ բան է, սակայն իսկապէս աններելի է, եթէ թոյլ տանք, որ մեզ կրկին անգամ խաբեն:

Քալվըր Սիթիի ցոյցը օգտագործելով իբրեւ նախադէպ՝ յառաջիկայ 18 ամիսներուն, ամերիկահայերը պէտք է նախագահ Օպամայի քարոզարշաւային իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին ցոյցեր կազմակերպեն Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին:

Բացի ատկէ, ամերիկահայերը, իսկապէս կարիք չունին, որ նախագահ Օպաման կրկնէ այն, ինչ երեսուն տարի առաջ յայտարարած է նախագահ Ռեկընը՝ 1981ի Ապրիլ 22ի նախագահական իր հռչակագիրին մէջ՝ յիշատակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախագահ Օպամա, դրժելով իր նախընտրական խոստումը՝ վարկաբեկած է ի՛ր բարոյական եւ քաղաքական հեղինակութիւնը, իբրեւ ազատ աշխարհի առաջնորդ:

Չմոռնանք նաեւ այս ափսոսալի հարցին մէջ միւս երկու գլխաւոր մեղսակիցները: Այս օրերուն ո՞ւր թաքնուած է փոխնախագահ Պայտընը: Արդեօք կը մտաբերէ՞ ան, թէ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ Ծերակոյտին մէջ իր երկարամեայ ծառայութեան եւ նախագահի թեկնածութեան ընթացքին: Իսկ Հիլըրի Քլինթընը՞: Ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու եղած ընթացքին ան Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովէ մը որքա՞ն արագ վերափոխուեցաւ՝ դառնալով արտաքին գոծրոց նախարար, որ կը պահէ լրատուամիջոցներէն «անձնական» ծաղկեպսակ դնելը Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին, իսկ քոնկրեսականներու շրջանակին մէջ աշխատանք կը տանի Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ քուէարկելու նպատակով:

2012 թուականի ընտրութիւնները հիանալի առիթ են հաշիւներ մաքրելու համար, բոլոր անոնց հետ, որոնք չեն արդարացուցած Ամերիկայի հայ համայնքին վստահութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան

Ամերիկահայերը Պէտք Է Ընդդիմանան Նախագահ Օպամային՝ Յաջորդ Շաբաթ Քալիֆորնիա Անոր Այցին Ընթացքին
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամօթալի երեւոյթ է, որ Սփիւռքի հայկական մեծագոյն համայնքը, նախագահ Օպամայի՝ Քալիֆորնիա այցելութիւններուն ընթացքին ձախողած է առիթէն օգտուելու, բողոքելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալուն դէմ: Երբ անցեալ Հոկտեմբերին Օպամա այցելեց Լոս Անճելըս եւ Կլենտէյլ, ոչ մէկ հայ հակադրութիւն ցոյց տուաւ անոր հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին:

Այժմ Քալիֆորնիոյ հայերը հիանալի հնարաւորութիւն ունին այդ բացթողումը սրբագրելու՝ ցոյց տալով, որ իրենք մեծապէս դժգոհ են այն բանէն, որ երկրի բարձրագոյն պաշտօնեան չի յարգեր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր տուած խոստումը:

Նախագահ Օպամա Սան Ֆրանսիսքօ պիտի գտնուի Ապրիլ 20ին, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցէն ընդամէնը երեք օր առաջ՝ Ապրիլ 21ին, ան պիտի այցելելէ Լոս Անճելըս՝ մեկնարկելու համար իր վերընտրութեան ընտրարշաւը՝ երկու գլխաւոր դրամահաւաքներով, «Օպամայի յաղթանակի հիմնադրամ-2012» անունով:

Յառաջիկայ 18 ամիսներուն, ամերիկահայերը պէտք է նախագահի ընտրարշաւի ծիրէն ներս իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին ցոյցեր կազմակերպեն ամբողջ երկրի տարածքին, մինչեւ 2012ի Նոյեմբերի նախագահական ընտրութիւննները: Ասիկա պատեհ առիթ մըն է բացայայտելու համար նախագահին նկատմամբ անվստահելիութիւնը, մանաւանդ, երբ ան իր ցած վարկանիշին համար խոցելի է իր վերընտրութեան ընտրարշաւի մեկնարկման շրջանին:

Ամերիկահայերը պէտք չունին աղաչելու եւ պաղատելու նախագահին, որ ան արտասանէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը: Աւելի մեծ հեղինակութիւն վայելող Ամերիկայի ղեկավար, նախագահ Ռեկըն այս բառերը արդէն իսկ օգտագործած է 1981 թուականի Ապրիլ 22ին, նախագահ Օպամայի Լոս Անճելըս կատարելիք այցէն ճիշդ 30 տարի առաջ: Նախագահ Օպամայի այցին դէմ բողոքելու միակ պատճառը անոր հասկնալ տալն է, թէ հայերը այլեւս չեն խաբուիր, երբ քաղաքական գործիչները, անոնց աջակցութիւնը ստանալու նպատակով՝ քարոզչական կեղծ խոստումներ տան, իսկ ընտրութիւններէն ետք անտեսեն զանոնք: 2012ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին հայերուն կարգախօսը պէտք է ըլլայ՝ «Ո՛չ մէկ քուէ եւ ո՛չ մէկ տոլար Օպամային»:

Ստորեւ ներկայացուած է հայկական հարցերուն վերաբերեալ նախագահ Օպամայի բազմաթիւ մեղքերուն ցանկը.

- 2008ի նախագահական ընտրարշաւին, ան բազմիցս խոստացաւ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ ընտրութիւններէն ետք չկատարեց իր խոստումը:

- Աւելի վատթարացնելով հարցերը՝ անոր վարչակազմը աշխուժօրէն հակադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի 2010 թուականի բանաձեւին:

- Հակառակ իր նախընտրական խոստումին, ան զգալիօրէն նուազեցուց Հայաստանին եւ Արցախին յատկացուող արտաքին օժանդակութեան գումարը: Աւելին, անոր վարչակազմը չծախսեց Քոնկրեսի կողմէ Արցախին յատկացուած ամբողջ գումարը:

- 2009ին, ան ճնշում գործադրեց Հայաստանի վրայ, որպէսզի վերջինս տխրահռչակ «Արձանագրութիւններ»ը ստորագրէ Թուրքիոյ հետ:

- Ան փորձ անգամ չըրաւ ճնշելու Թուրքիոյ վրայ, որ վերջինիս կողմէ Հայաստանի շրջափակումը վերանայ:

- Ան լուռ մնաց՝ ի տես Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ բազմիցս հնչած ռազմատենչ կոչերուն՝ անտեսելով Արցախի ինքնորոշման աջակցելու իր նախընտրական խոստումը:

- Ան եւ իր արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը չ՛ընդառաջեցին Ամերիկայի հայկական համայնքի բազմաթիւ խնդրանքներուն՝ իրենց հետ հանդիպելու եւ իրենց մտահոգութիւնները լսելու առնչութեամբ:

- Նախորդ Սուրբ Ծննդեան տօնին, երբ Ծերակոյտը արձակուրդի մէջ կը գտնուէր, ան շրջանցեց Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներուն կողմէ «կասեցում»ը եւ Մեթիու Պրայզան նշանակեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ատրպէյճանի մէջ:

Շատ կարեւոր է, որ Ապրիլի 20ին եւ 21ին, մեծ թիւով ամերիկահայեր ոչ միայն բողոքի ձայն բարձրացնեն ընդդէմ նախագահին, այլ նաեւ իրենց պահանջները լսելի դարձնեն Օպամային այցելութիւնը լուսաբանող լրատուամիջոցներով: Այլապէս, իրենց լռութեամբ, ամերիկահայերը սխալ պատգամ կը յղեն քաղաքական գործիչներուն, թէ՝ հայերուն կեղծ խոստումներ տալով՝ անոնց դրամն ու քուէները ստանալը, եւ ընտրութիւններէ ետք զանոնք անտեսելը, որեւէ բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ այդ գործիչներուն քաղաքական ասպարէզին վրայ:

Ամերիկահայերը պէտք է արթննան իրենց թմբիրէն: Եթէ անոնք կը փափաքին, որ ընտրուած պաշտօնեաները իրենց հետ լրջօրէն վերաբերին, ապա պէտք է վարձատրեն իրենց հարցերուն աջակցութիւն ցուցաբերած պաշտօնեաները՝ օգնելով անոնց վերընտրութեան, եւ պատժեն կեղծ խոստումներ տուողները՝ աշխատելով պարտութեան մատնել զանոնք:

Քալիֆորնիա կատարելիք իր այցէն քանի մը օր ետք, նախագահ Օպամա պիտի հրապարակէ Ապրիլ 24ի կապակցութեամբ իր ամէնամեայ ուղերձը, որուն մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, կը բացառուի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Հայ ընդդիմադիրները պէտք է նախագահին յստակ կերպով հասկցնեն, թէ Ցեղասպանութեան հետ կապուած բառախաղերը վիրաւորական են եւ թէ ան քաղաքական սուղ գին պիտի վճարէ՝ ճշմարտութիւնը քօղարկելուն համար:

Նախագահ Օպամա Սան Ֆրանսիսքօ պիտի գտնուի Ապրիլ 20ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Nob Hill Masonic Center-ի մէջ (1111 California Street), իսկ Քալվըր Սիթի՝ Ապրիլ 21ին, ժամը 4:30ին, Sony Studios-ի մէջ (10202 W. Washington Blvd.): Հազարաւոր հայեր ներկայ գտնուին այս երկու վայրերը, ի բողոք նախագահ Օպամայի դրժած խոստումներուն:

Ես, իբրեւ Օպամայի նախկին կողմնակից, Ապրիլ 21ին պիտի կանգնիմ Sony Studios-ին դիմաց, որպէսզի խոր հիասթափութիւնս արտայայտեմ հայկական հարցերուն նկատմամբ անոր դրսեւորած վերաբերմունքէն, եւ իրեն տեղեկացնեմ, թէ ամերիկահայերը պիտի չսատարեն իր վերընտրութեան:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմ. Ռ. Աւագեան

Ճեմալ Փաշայի Թոռը Ըսաւ Ցեղասպանութիւն, Իսկ Մորկընթաուի Ծոռը՝ Ոչ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ Հինգշաբթի երեկոյեան, հարիւրաւոր հայեր հաւաքուած էին Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը (UCLA), լարուածութեամբ լսելու համար Հասան Ճեմալը՝ հայ ժողովուրդի երեք գլխաւոր դահիճներէն մէկուն՝ Ճեմալ փաշայի թոռը: «Տէր Զօրէն մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ. Զրոյց Հասան Ճեմալի Հետ» խորագիրը կրող սոյն բացառիկ եւ վիճայարոյց միջոցառումը կազմակերպած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Ասպետներուն կողմէ:

Հասկնալիօրէն մթնոլորտը խիստ լարուած էր: Ընդարձակ սրահը լրիւ լեցուն էր, եւ ազատ տեղեր չըլլալու պատճառով, շատեր ստիպուեցան հեռանալ: Սրահին մէջ զինուած ոստիկաններու եւ պահակներու առկայութիւնը թէ՛ հանգստացնող էր եւ թէ մտահոգիչ: Ճեմալ հաստատեց, թէ զինք նախազգուշացուցած էին Լոս Անճելըս կատարելիք այցելութեան առթիւ, սակայն բարեբախտաբար, ամէն ինչ ընթացաւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ: Այդ երեկոյեան ամենացնցողն այն չէր, թէ ի՞նչ ըսաւ Ճեմալ, այլ այն, թէ ի՞նչ չըսաւ միւս բանախօսը՝ դոկտ. Փամելա Սթայնըր՝ դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռը:

ՀԲԸՄի Ասպետներու նախագահ Գուրգէն Պերքսանլար, իր ողջոյնի խօսքին մէջ բոլորը հրաւիրեց «անկաշկանդ զրոյցի»: Ընդունելով հանդերձ, որ որոշ հայեր մեծ կասկածանքով կը վերաբերին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրքերուն նկատմամբ՝ ան կը հաւատար, որ «յառաջադէմ» թուրքերը, որոնք «հրապարակաւ կը խօսին 1915 թուականի իրադարձութիւններուն մասին…, ըստ երեւոյթին, ներկայիս կը գտնուին թրքական կառավարութեան հսկողութենէն եւ հասանելիութենէն դուրս»: Այնուհետեւ Պերքսանլարը ներկայացուց գլխաւոր բանախօս Հասան Ճեմալը եւ բանավէճի երկու մասնակիցները՝ դոկտ. Փամելա Սթայնըր ու փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:

«Միլլիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիր Ճեմալը անմիջապէս շահեցաւ թերահաւատ լսարանին վստահութիւնը, երբ իր ողջոյնի խօսքը յղեց հայերէնով՝ «Բարեւ յարգելի բարեկամներ», եւ ըսաւ. «Ես եկած եմ այստեղ իմ սիրտն ու միտքը ձեր առջեւ բանալու… Ես գիտեմ ձեր ցաւը, Ցեղասպանութեան ձեր վիշտը, Մեծ Եղեռնի ձեր վիշտը»: Անտեսելով Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301րդ յօդուածը, որ կ՛արգիլէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործել՝ ան իր ելոյթին ընթացքին քանի մը անգամ խիզախօրէն կրկնեց այդ խօսքերը: Ան միաժամանակ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութիւնը՝ զայն անուանելով «մեղսակցութիւն ոճրագործութեան մէջ»:

Ճեմալը պատմեց 2008 թուականին, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած իր շատ յուզիչ այցելութեան մասին, երբ ան մեխակներ դրած էր իր մտերիմ ընկերոջ՝ լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակին, զոր թուրք ծայրայեղականները սպաննեցին Պոլսոյ մէջ: Երեւան կատարած այցելութեան ժամանակ, ան ցնցիչ հանդիպում մը ունեցած էր Արմէն Գէորգեանին հետ՝ այն վրիժառուին թոռան, որ 1922 թուականին սպաննած էր իր մեծ հայրը՝ Ճեմալ փաշան:

Ճեմալ ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ վերջին երեք տասնամեակներուն ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ձեռք բերուած յառաջընթացը՝ սկսած համատարած ժխտողականութենէն մինչեւ ներողութեան քարոզարշաւը, հայկական եկեղեցիներու վերանորոգումն ու այդ թեմայով գիտական համաժողովներու կազմակերպումը: Ան հայերէն խնդրեց այցելել Թուրքիա՝ մասնակցելու համար «յիշողութեան վերականգնման» գործին: Ճեմալ զանոնք յորդորեց երբե՛ք չմոռնալ անցեալը, առանց անոր գերին դառնալու:

Մինչ Ճեմալ իր անկեղծ ելոյթով լաւ տպաւորութիւն թողեց լսարանին վրայ, դոկտ. Սթայնըր հիասթափեցուց ներկաները՝ անդրդուելիօրէն եւ միտումնաւոր կերպով մերժելով օգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը: Ատոր փոխարէն, ան կիրառեց թրքական ժխտողական եզրաբանութեան բնորոշ այնպիսի բառեր, ինչպիսին են՝ «ողբերգութիւն», «տառապանք» եւ «1915 թուականի իրադարձութիւններ»: Իբրեւ Միջհամայնքային վստահութեան կերտման ծրագիրի տնօրէն, ան խօսեցաւ «հայերու եւ թուրքերու միջեւ վստահութեան կերտման հնարաւոր քայլերուն» մասին: Ան ապշեցուց լսարանը՝ խնդրելով, որ հայերը ընդունին, թէ «թուրք ժողովուրդը (որ) սարսափելիօրէն տուժած է Առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրերուն… կարիք ունի եւ արժանի է այդ ճանաչման»: Չբաւարարուելով այս վրդովեցուցիչ խնդրանքով՝ ան շարունակեց յորդորելով հայերը «մտածել թրքական տառապանքներու ճանաչման մասին, նախքան իրենց տառապանքներուն համար ճանաչում ստանալը»:

Հարց ու պատասխանի ժամանակ, երբ ես մատնանշեցի այն զաւեշտալի հակասութիւնը, թէ Ճեմալ փաշայի թոռը ազատօրէն կ՛օգտագործէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը, մինչդեռ դեսպան Մորկընթաուի ծոռը՝ ոչ, դոկտ. Սթայնըրի պատասխանը անյարմար ու անբաւարար էր: Ան ինքզինք արդարացուց ըսելով, որ «միջնորդի» դեր կը կատարէ՝ «հաշտեցումի» ձգտելով հայերուն եւ թուրքերուն միջեւ:

Բանավէճի վերջին մասնակիցը՝ փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեան, խիստ ձայնով, քաղաքավար, սակայն միեւնոյն ժամանակ ծանրակշիռ պատասխան տուաւ նախորդ բանախօսներուն: Ան Հասան Ճեմալին ըսաւ, որ հայկական մեծ լսարանը հաւաքուած է զայն լսելու ոչ թէ անոր համար որ ան թուրք լրագրող է, այլ որովհետեւ Ճեմալ փաշայի թոռն է: Ան բացատրեց, թէ թուրք ոճրագործներուն մտայնութեան ըմբռնումը չի կրնար որեւէ ձեւով արդարացնել անոնց գործողութիւնները: Ան բոլորը զգուշացուց, որ կանխամտածուած ոչնչացումի հետեւանքով հայերուն կրած տառապանքները չհաւասարեցնեն թուրքերուն՝ պատերազմի պատճառով կրած տառապանքներուն: Ան շեշտեց, թէ հայերը ոչ միայն ճանաչում կը պահանջեն, այլ, որ աւելի կարեւոր է՝ իրենց բռնագրաւուած ունեցուածքին վերականգնումը: Ան կոչ ըրաւ Թուրքիոյ կառավարութեան, որ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին վերադարձնէ Թուրքիա գտնուող հարիւրաւոր հայկական եկեղեցիները: Վերջաւորութեան, իբրեւ դոկտ. Սթայնըրի ուղղուած ակնարկ, փրոֆ. Յովհաննէսեան շեշտեց, թէ «հաշտեցումը» կը պահանջէ «զղջում՝ արարքին համար»: Անոր ելոյթը ընդունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Իմ կարծիքով, Ճեմալը անկեղծ էր եւ խիզախ: Ան հեշտութեամբ կրնար խուսափիլ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէ, պնդելով, որ այդ պարագային, ան բանտի մէջ պիտի գտնէ ինքզինք: Սակայն ան որեւէ պատրուակով չհրաժարեցաւ անկէ եւ քանի մը անգամ գործածեց «ցեղասպանութիւն» եզրը: Իր մեծ հայրը «Մեծ Աղէտ»ին պատասխանատու համարելով՝ ան ներկայի Թուրքիան բնութագրեց իբրեւ «մոլագար երկիր մը»:

Թէեւ դժուար է մոռնալ, որ Հասան Ճեմալը Հայոց Ցեղասպանութեան երեք կազմակերպիչներէն մէկուն թոռն է, սակայն ճիշդ չ՛ըլլար երեխաները պատասխանատու համարել իրենց ծնողներու մեղքերուն համար: Ճեմալի դիրքորոշումը կտրականապէս փոխուած էր՝ երկու տարի առաջ Պոսթընի մէջ անոր յայտնուելէն ի վեր, երբ ան կը խուսափէր օգտագործել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը: Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ունեցած ելոյթէն ետք, կողմնակի զրոյցի մը ընթացքին անոր հարցուցի, թէ արդեօք չի՞ մտահոգուիր անով, որ զինք կրնան դատի կանչել «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելուն համար: Թէեւ ան ըսաւ, որ այդպէս չի կարծեր, սակայն կարեւոր համարելով իմ մտահոգութիւնս՝ Պոլիս վերադառնալէն ետք ան այդ մասին գրեց «Միլլիյէթ»ի իր յօդուածին մէջ:

Այդ երեկոյին ընթացքին, Ճեմալի միակ տհաճ խօսքը Թուրքիայէն հայկական հողերը վերադարձնելու պահանջատիրութեան մերժումն էր: Յամենայնդէպս, զարմանալի չէ լսել թուրք մը, անկախ անոր հանդուրժողութեան աստիճանէն, որ կը պաշտպանէ իր երկիրին ամբողջականութիւնը: Այնուամենայնիւ, ան հաստատեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէ՛տք է ներողութիւն խնդրէ հայերէն եւ փոխհատուցում վճարէ անոնց:

Միւս կողմէ, կարելի չէ արդարացնել դոկտ. Սթայնըրի՝ իբրեւ ամերիկացի հրեայի եւ դեսպան Մորկընթաուի անմիջական ժառանգորդի՝ ցեղասպանութեան եզրի օգտագործումը յամառօրէն մերժելու քայլը, հակառակ անոր բարի մտադրութիւններու ինքնախոստովանութեան: Իւրաքանչիւր անձ, որ չ՛ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը, կը կորսնցնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կառուցողական դեր խաղալու բարոյական իրաւունքը: Կարելի չէ չէզոք դիրք գրաւել զոհի եւ դահիճի միջեւ: Ան պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ Ողջակիզումը վերապրած եւ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Էլի Ուիզըլի հետեւեալ իմաստուն խօսքին. «Չէզոքութիւնը կ՛օգնէ կեղեքիչներուն, բայց ո՛չ երբեք զոհին»:

Իբրեւ միջնորդ երկու համայնքներուն միջեւ, դոկտ. Սթայնըր, հաւանաբար կը հաւատայ, որ պէտք չէ կողմնակալ ըլլալ: Սակայն ճշմարտութիւնն ըսելը բնաւ չի նշանակեր հայերու եւ թուրքերու միջեւ ոեւէ մէկուն կողմը ըլլալ, ինչպէս որ հրէական Ողջակիզումը ճանչնալը չի նշանակեր կողմնակից ըլլալ հրեաներուն: Բացի ատկէ, յստակ չէ, թէ իբրեւ միջնորդ՝ ի՞նչ է ճիշդ անոր դերը: Ցեղասպանութիւնը այնպիսի վէճ մը չէ, որ միջնորդի կարիք ունենայ: Եւ ինչպէ՞ս կրնայ ան հաշտեցնել երկու ժողովուրդներ, առանց դահիճէն հատուցում պահանջելու այն բանին համար, զոր իր (Սթայնըրի) մեծ հայրը անուանած էր՝ «Ազգի մը սպանդը»:

Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ իր ելոյթէն ետք, դոկտ. Սթայնըր ինծի ուղարկած էր ելեկտրոնային երկար նամակ մը, ուր լրացուցիչ բացատրութիւններ տուած էր միջնորդի իր դերակատարութեան մասին, պնդելով, որ դեսպան Մորկընթաու պիտի պաշտպանէր իր գործը: Ես չեմ կրնար ձեւացնել, թէ դոկտ. Սթայնըրէն աւելի լաւ կը ճանչնամ իր իսկ մեծ հայրը, սակայն ծանօթ ըլլալով Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ անկէ ետք դեսպան Մորկընթաուի մարդասիրական ջանքերուն՝ կրնամ առանց վարանելու ըսել, թէ ան հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէր՝ հայերուն արդարութիւն ապահովելու համար, դահիճներուն եւ անոնց զոհերուն միջեւ չէզոք դիրք գրաւելու փոխարէն:

Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հայ Փաստաբանները Արձագանգած Են Գերմանական Ընկերութիւններու Դատական Վերաքննիչ Բողոքին
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ, կեանքի ապահովագիրներու տէրերու հայ ժառանգորդներուն փաստաբանները ծանրակշիռ պատասխան ներկայացուցին գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն՝ դաշնակցային վերաքննիչ դատարանէն վերաքննութիւն պահանջող միջնորդութեան դէմ: Միացեալ Նահանգներու 9րդ շրջանի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի երեք անդամներէ բաղկացած կազմը, մեծամասնութեամբ որոշում կայացուցած էր՝ յօգուտ հայերուն չվճարուած պահանջներու հետապնդման իրաւունքին, վերանայելով այդ նոյն դատաւորներու կազմի մեծամասնութեան կողմէ նախապէս կայացուած որոշումը:

Հայ փաստաբաններուն արձագանգը ջախջախիչ հարուած հասցուց ոչ միայն գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններուն, այլեւ՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան, որ անամօթաբար «դատարանի բարեկամ» (Friend of the court) խնդրագիր ներկայացուցած էր՝ ի պաշտպանութիւն գերմանական կողմին: Հեգնական է այն, որ գերմանական ընկերութիւններուն դէմ հայցը առարկած էր ոչ թէ Գերմանիան, այլ՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը:

Հայ հայցուորները Վերաքննիչ դատարանէն պահանջած են մերժել վերաքննութեան համար ներկայացուած գերմանական միջնորդութիւնը: Գերմանական կողմը իր վերաքննիչ բողոքը հիմնաւորած էր՝ վիճարկելով, թէ ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ պահանջք ներկայացնելու վերջնաժամկէտի երկարաձգման մասին Քալիֆորնիոյ նահանգին օրէնքը հակասահմանադրական էր, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրէնքի հաստատումը կը հակասէ դաշնակցային կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան:

Հայ փաստաբանները հակաճառած են գերմանական կողմի հայցին՝ պնդելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ԱՄՆի աւելի քան 40 նահանգներու կողմէ «յայտարարուած օրէնքները եւ/կամ բանաձեւերը, արտաքին քաղաքականութեան վրայ բացասական հետեւանքներ չեն ունեցած»: Այնուհետեւ փաստաբանները նշած են, որ թէեւ Միացեալ Նահանգներու որոշ նախագահներ առարկած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւերուն դէմ, այնուամենայնիւ, դաշնակցային գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ եղած են բազմաթիւ այլ յայտարարութիւններ՝ ի պաշտպանութիւն Ցեղասպանութեան ճանաչման: Փաստաբանները յատկապէս նշած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի երկու բանաձեւերը, զորս ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է 1975 եւ 1984 թուականներուն, ինչպէս նաեւ նախագահ Ռեկընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը՝ 1981ի իր նախագահական հռչակագիրին մէջ:

Փաստաբանները պնդած են, թէ Միացեալ Նահանգներու նախորդ վարչակարգերը «քար լռութիւն» պահած են, մինչ ԱՄՆ աւելի քան 40 նահանգներ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առանց որեւէ սպառնալիք ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան համար: Աւելին, եթէ նոյնիսկ նախորդ վարչակարգերը ընդդիմացած են Ցեղասպանութեան հարցով Քոնկրեսի բանաձեւերուն, ապա որեւէ պատճառ չէ եղած դէմ դնելու տեղական կամ նահանգային բանաձեւերուն, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնային ունենալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Հայ փաստաբանները մէջբերում կատարած են դատական նախորդ որոշումներէն՝ պնդելով, թէ նահանգներու օրէնսդրական կանոնադրութիւնները կրնան արտաքին յարաբերութիւններու սկզբունքին հիման վրայ վիճարկուիլ միայն այն պարագային, եթէ անոնք կը հակասեն «ակնյայտօրէն արտայայտուած նախագահական որեւէ պայմանագիրի, քոնկրեսական օրէնսդրական կանոնի կամ նախագահական քաղաքականութեան»: Փաստաբանները իրենց խօսքերը հիմնաւորած են անով, որ դատարանները Ողջակիզման վերաբերեալ Քալիֆորնիոյ մէկ այլ նման օրէնք մը անվաւեր ճանչնալու որոշում կայացուցած են, որովհետեւ դաշնակցային կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծած էր Ողջակիզման զոհերու ունեցուաքներուն վերաբերեալ նախագահական խորհրդատուական յանձնաժողով՝ վերացնելով Ողջակիզման հետ կապուած առանձին դատական գործերու անհրաժեշտութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած դատական գործերու կարգաւորման համար դաշնակցային որեւէ յանձնաժողով չէ ստեղծուած: Այս երկու դէպքերուն միջեւ եղած միւս կարեւոր տարբերութիւնն այն է, որ հայ հայցուորները ոչ թէ փոխհատուցում կը պահանջեն, այլ՝ միայն ապահովագրական գումարներէն իրենց պարտք ինկած գումարներուն հատուցումը:

Հայ փաստաբանները նաեւ այլ համոզիչ փաստարկ տուած են ըսելով, որ եթէ նոյնիսկ նախորդ վարչակարգերը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հակասական դիրքորոշում ունեցած են, «դաշնակցային կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը արգիլող բացայայտ ոչ մէկ ցուցմունք գոյութիւն ունի նահանգներուն կողմէ ընդունուած օրէնսդրական կանոնադրութեան մէջ»:

Հայ փաստաբանները խիստ քննադատութեան ենթարկած են Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցած «դատարանի բարեկամ» խնդրագիրը, որ կը պնդէր, թէ Քալիֆորնիոյ օրէնքը իբրեւ թէ կը հակասէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դաշնակցային արտաքին քաղաքականութեան: Հայ իրաւաբանները յայտարարած են, թէ «Թուրքիան չի ստեղծեր կամ չի թելադրեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը. այդ մէկը կրնայ ընել միայն Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը»: Թուրքիոյ այն մեղադրանքները, թէ «ներկայի վարչակարգը դէմ է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, անմիջականօրէն կը հակասեն նախագահ Օպամայի յայտարարութիւններուն: Իբրեւ ծերակուտական եւ նախագահի թեկնածու, ան համոզիչ կերպով խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Իբրեւ նախագահ, ան վերահաստատած է. «Ես բազմիցս արտայայտած եմ իմ անձնական կարծիքը այն մասին, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, եւ տեսակէտս այդ հարցով չէ փոխուած»:

Վերջապէս, հայ իրաւաբանները մատնանշած են, որ այս գործը միաժամանակ կ՛երաշխաւորէ Քալիֆորնիոյ նահանգին իրաւունքը՝ իր սահմաններուն մէջ գործող ապահովագրական ընկերութիւններու աշխատանքները կարգաւորելուն մէջ: Այսպիսով, հայ ապահովագիրներու տէրերուն վերաբերեալ Քալիֆորնիոյ օրէնքին անվաւեր ճանաչումը «կը վնասէ Քալիֆորնիոյ շահագրգռուածութիւնը՝ նահանգի դատարանները դիմելու մարդկանց իրաւունքը ապահովելու, լուծելու համար առկայ վէճերը, որոնք կապուած են այդ մարդկանց կողմէ պահուող ապահովագիրներուն եւ զանոնք շնորհած ընկերութիւններուն միջեւ, որոնք գործարարութեամբ կը զբաղին տուեալ նահանգին մէջ»:

Հիմնուելով այս ուժեղ փաստարկներուն եւ շարք մը իրաւաբանական գլխաւոր ընկերութիւններու ու կազմակերպութիւններու կողմէ ներկայացուած «դատարանի բարեկամ» գրութիւններուն վրայ, որոնց պիտի անդրադառնանք հետագայ յօդուածով, կարելի է յոյս յայտնել, թէ դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը որոշում կը կայացնէ ընդդէմ գերմանական ապահովագրական ընկերութիւններու վերաքննութեան միջնորդութեան: Գերմանական ընկերութիւնները, դատը տանուլ տալու պարագային, վերջին առիթը կ՛ունենան բողոքելու ԱՄՆ Գերագոյն դատարան:

Հայերուն համար խիստ վճռորոշ է այս բողոքարկումներուն մէջ յաղթանակ տանիլը ո՛չ միայն ապահովագիրներու տէրերու ժառանգորդներուն շահերը պաշտպանելու համար, այլեւ կանխելու համար թուրք ժխտողները, որոնք կը շահագործեն սոյն դատական գործը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած տասնամեակներու ջանքերը ի չիք դարձնելու համար:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Բոլոր Կողմերը Պէտք Է Բացայայտեն Ապահովագրական Փոխհատուցումներու Բաշխման Պատկերը
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

2004 եւ 2005 թուականներէն ի վեր, երբ «Նիւ Եորք Լայֆ» եւ «AXA» ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ դատական գործընթացը աւարտեցաւ՝ բաւարարելով 37.5 միլիոն տոլարի պահանջը, Ցեղասպանութեան տարիներուն ապահովագրուած անձանց ժառանգորդներուն եւ Հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններուն կատարուած փոխհատուցումները երբեք չեն բացայայտուած:

Վերջին տարիներուն, տարաձայնութիւններ ծագեցան իրաւաբաններու միջեւ, որոնք միասնաբար երկու ընկերութիւններու դէմ հայց յարուցած էին: Անցեալ տարի փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանը միջնորդութիւն ներկայացուց դատարան՝ անկախ կառավարիչ նշանակելու պահանջով, իր երկու գործընկեր դատապաշտպաններ Մարք Կիրակոսի եւ Պրայըն Քապաթեքի կողմէ կատարուած բաշխումները վերահսկելու նպատակով: Դատաւորը մերժեց Եղիայեանի պահանջը:

Ընթացիկ ամսուան սկիզբը, դիրքերը փոխուեցան, երբ իրաւաբան Կիրակոս եւ Քապաթեք Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարան հայց յարուցեցին Եղիայեանի եւ անոր կնոջ՝ Ռիթա Մահտէսեանի դէմ՝ զանոնք մեղադրելով խարդախութեամբ եւ հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններու համար նախատեսուած շուրջ 1 միլիոն տոլարի չափով ապահովագրական վճարումներ իւրացնելու յանցանքով: Եղիայեան կտրականապէս մերժեց մեղադրանքները եւ «Տէյլի Ճըրնըլ»ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսաւ, թէ Կիրակոս եւ Քապաթեք «գաղտնաբար աւելի քան 17 միլիոն տոլար կուտակած են փոխհատուցման միջոցներէն» եւ չյաջողեցան «ներկայացնել գումարներու բաշխման հաշուետուութիւնը»:

Համայնքի որոշ անդամներ մտահոգուած էին, որ այս մեղադրանքները կրնան շահագործուիլ թրքական մամուլին կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու հատուցման պահանջը կասկածի տակ դնելու նպատակով, իսկ ուրիշներ անհանգստացած էր անով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու արդարօրէն պատկանող (նիւթական) միջոցները կրնան ոչ նպատակայնօրէն օգտագործուիլ եւ իւրացուիլ:

Մեկնելով մեր նախնական ուսումնասիրութեան արդիւնքներէն՝ ստորեւ կը ներկայացնենք, թէ մօտաւորապէս ինչպէ՞ս բաշխուած է «Նիւ Եորք Լայֆ» ապահովագրական ընկերութեան կողմէ յատկացուած 20 միլիոն տոլար գումարը (առաւել կուտակուած տոկոսը).

- Շուրջ 9 միլիոն տոլար տրուած է «Նիւ Եորք Լայֆ»ի չհատուցուած 2300 ապահովագրուողներէն 1500ի ժառանգորդներուն: Մնացած 800 ապահովագրուողներուն ժառանգորդները չեն ներկայացած.

- 4 միլիոն տոլար հաւասարապէս բաշխուած է փաստաբաններ Կերակոսի, Քապաթեքի եւ Եղիայեանի միջեւ, իրենց ընտրութեամբ՝ բարեգործական կազմակերպութիւններու յատկացնելու համար:

- Իրաւաբանական ծառայութիւններու վճարումներուն համար 4 միլիոն տոլար յատկացուած է չորս փաստաբաններուն (Կիրակոս, Քապաթէք, Եղիայեան եւ Ուիլեըմ Շերնոֆ), որոնք կը ներկայացնեն հայ հայցուորներուն կողմը՝ սոյն խմբային դատին մէջ:

- 3 միլիոն տոլար նուիրուած է ինը գլխաւոր հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններու:

- Շուրջ 1 միլիոն տոլար ծախսուած է վարչական ծախսերու համար, ապահովագրուողներու ժառանգորդներուն գումարները բաշխելու նպատակով: Արդարեւ, Քալիֆորնիոյ ապահովագրութեան հարցերով յանձնակատարին կողմէ ստեղծուած է երեք անդամէ բաղկացած Settlement Fund Boardը՝ ստուգելու համար ապահովագրուած զոհերու ընտանիքներէն կենդանի մնացած անդամներուն կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթերը:

Մեկնած նմանատիպ նախնական ուսումնասիրութեան մը արդիւնքներէն՝ ստորեւ կը ներկայացնենք, թէ մօտաւորապէս ինչպէ՞ս բաշխուած է «AXA» ընկերութեան կողմէ յատկացուած 17.5 միլիոն տոլար գումարը (առաւել կուտակուած տոկոսը).

- Շուրջ 8.5 միլիոն տոլար տրուած է «AXA» ընկերութեան 11,000 ապահովագրուած անձանց անյայտ թիւով ժառանգորդներուն:

- 3 միլիոն տոլար երեք փաստաբաններուն կողմէ յատկացուած է Ֆրանսայի հայկական բարեգործական կազմակերպութիւններուն:

- 3 միլիոն տոլար յատկացուած է այս խմբային դատին մէջ հայ հայցուորները ներկայացնող երեք փաստաբաններուն (Կիրակոս, Քապաթէք եւ Եղիայեան), անոնց իրաւաբանական ծառայութիւններու վճարումները փակելու համար:

- 2.85 միլիոն տոլար հաւասարապէս բաշխուած է փաստաբաններ Կիրակոսի, Քապաթեքի եւ Եղիայեանի միջեւ, իրենց ընտրութեամբ բարեգործական կազմակերպութիւններու յատկացնելու համար:

- 150,000 տոլար (կրնայ ըլլալ աւելին) յատկացուած է վարչական ծախսերու, ապահովագրուած անձանց ժառանգորդներուն կողմէ ներկայացուած փաստաթուղթերը ստուգելու կապակցութեամբ:

Հարկ է նշել, որ դաշնակցային դատաւոր Քրիսթինա Սնայտըրի կողմէ հաստատուած Փոխհատուցման համաձայնագիրով կը յանձնարարուի բարեգործական բոլոր կազմակերպութիւններուն, որ «Նիւ Եորք Լայֆ» ընկերութենէն նիւթական միջոցներ ստանալու օրէն մինչեւ վեց ամիս երկարող ժամանակամիջոցին, պէտք է դատարան ներկայացնեն այս հատուցումները ծախսելու մասին համապարփակ հաշուետուութիւն: Յայտնի չէ, թէ արդեօք պահանջուող հաշուետուութիւնները ներկայացուեցա՞ն գումարները ստացողներուն կողմէ: Փոխհատուցման համաձայնագիրին մէջ նշուած է նաեւ, որ Քալիֆորնիոյ գլխաւոր դատախազը իրաւունք ունի պահանջելու այս դրոյթներուն կատարումը, եւ խախտումներու պարագային՝ դատական գործ յարուցելու:

«AXA» ընկերութեան պարագային, Փոխհատուցման համաձայնագիրով կը պահանջուի, որ բարեգործական կազմակերպութիւնները, վեց ամսուան ընթացքին, հաշուետուութիւն ներկայացնեն հայցուորներուն եւ «AXA»ի փաստաբաններուն, իրենց ստացած գումարներու օգտագործման մասին:

Լոս Անճելըսի գերագոյն դատարանը այժմ հնարաւորութիւն ունի վերատեսութեան ենթարկելու փաստաբաններ Կիրակոսի եւ Քապաթեքի կողմէ Եղիայեանին եւ Ռ. Մահտէսեանին դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները՝ որոշելու համար, թէ արդեօ՞ք ապահովագրական հատուցումներուն գումարները նպատակային կերպով օգտագործուած են: Մինչ այդ, ոչ ոք պէտք է որեւէ եզրակացութիւն կատարէ ներգրաւուած կողմերէն ոեւէ մէկուն մեղաւորութեան կամ անմեղութեան մասին:

Իրաւական պահանջներէ անկախ, բոլոր այն կազմակերպութիւնները, որոնք երկու ապահովագրական ընկերութիւններուն հետ կնքուած համաձայնագիրներէն դրամական միջոցներ ստացած են, ունին բարոյական պարտք՝ Հայկական համայնքին բացայայտելու իրենց ստացած եւ ծախսած գումարներուն չափերը: Նմանապէս, երեք փաստաբանները պէտք է հրապարակեն բոլոր այն փոխհատուցումները, զորս անոնք կատարած են կազմակերպութիւններուն: Աւելին, երեք փաստաբաններուն, ինչպէս նաեւ Settlement Fund Board-ի երկու մարմիններուն եւ անոնց աշխատակազմի տնօրինութեան տակ գտնուող բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին կատարուած վճարումներուն, պէտք է պահպանուին մինչեւ այս դատական գործընթացին աւարտը:

Այն մարդիկ, որոնց վստահուած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն պատկանող գումարները, ունին սուրբ պարտականութիւնը՝ այդ գումարներուն գծով մեծ զգուշաւորութեամբ եւ խնամքով վերաբերելու: Նման վերաբերմունք չցուցաբերելու պարագային, ա-նոնք արժանի պիտի ըլլան դատապարտուելու ամբողջ աշխարհի խղճամիտ մարդկանց կողմէ:

Ո՞վ Կ՛իշխէ Թուրքիոյ Մէջ՝ Էրտողա՞ն, Թէ Ալիեւ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրք ղեկավարները յաճախ կը պարծենան անով, թէ իրենք յաջողած են սնանկ տնտեսութիւն եւ ներքաղաքական լուրջ խնդիրներ ունեցող երկիրէ մը, Թուրքիան վերածել մեծ ազդեցութիւն ունեցող տարածաշրջանային հզօր պետութեան մը:

Իրապէս, Միացեալ Նահանգներէն ետք, Թուրքիան երկրորդ մեծագոյն բանակը ունի ՆԱԹՕի մէջ, իսկ Ներքին ընդհանուր արտադրութեան (GDP) ծաւալով՝ անիկա աշխարհի 15րդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող երկիրն է: Թուրքիան, իբրեւ ինքնակոչ հաշտարար եւ միջնորդ, յաճախ կը միջամտէ տարածաշրջանային եւ միջազգային թէժ հարցերու: Գերակայութեան այս կեցուածքը «Սուլթան» մակդիրը շնորհեց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, որ ամէն գնով վճռակամ է վերականգնել վաղուց անհետացած Օսմանեան կայսրութիւնը:

Թուրքիոյ ազդեցութեան ընդլայնման արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքը յաճախ կրկնուող «մանդրա»ն է՝ «զեռօ խնդիրներ՝ հարեւան երկիրներու հետ», որ յաջողութեամբ չէ իրագործուած շատ յաճախ: Թէեւ Թուրքիան կրցած է իր յարաբերութիւնները բարելաւել Սուրիոյ եւ Իրանի հետ, սակայն Հայաստանի հետ հաշտեցման անոր երկերես ջանքերը լրիւ ձախողած են: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման կեղծ տպաւորութիւնը ստեղծելու անոր խճճուած փորձերը չխաբեցին ոեւէ մէկը, մասնաւորաբար՝ սփիւռքահայերը, որոնք քաջածանօթ են թրքական նման նենգ մարտավարութեան:

Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի հետ հաշտութեան Թուրքիոյ կեղծ վերաբերմունքէն խաբուած միակ ղեկավարը Արտրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր: Հեգնականօրէն, Թուրքիոյ՝ «զեռօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» քաղաքականութիւնը անսպասելի եւ հակառակ ազդեցութիւն ունեցաւ՝ Ատրպէյճանի հետ յարուցելով նոր խնդիրներ, որոնք նախապէս գոյութիւն չունէին:

Ադրբեջանի նախագահը սաստիկ զայրացաւ, երբ իմացաւ, որ Անգարա կը պատրաստուէր ստորագրելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, որոնցմով կը նախատեսուէր բանալ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը եւ հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Թուրքիոյ հաւաստիացումները, թէ սոյն արձանագրութիւնները պարզապէս Հայաստանէն զիջումներ կորզելու միջոց են, ոչ մէկ ձեւով հանգստացուցին Ատրպէյճանի նախագահը: Ալիեւ պահանջեց անյապաղ դադրեցնել համաձայնագիրը, որովհետեւ ան չէր ուզէր, որ Հայաստանի շրջափակումը վերացուի, քանի դեռ Արցախը չէ վերադարձուած Ատրպէյճանին:

Թէեւ արձանագրութիւնները ակնյայտօրէն կը բխէին Թուրքիոյ ազգային շահերէն, վարչապետ Էրտողան ընկրկեցաւ ատրպեճանական ճնշումին տակ եւ հրաժարեցաւ անոնց վաւերացումէն: Ան ինչո՞ւ ենթարկուեցաւ Պաքուի հրամաններուն եւ աւարտին չհասցուց համաձայնագիրը, որ ակներեւօրէն կ՛արտայայտէր իր երկիրին շահերը: Ահաւասի՛կ որոշ հաւանական բացատրութիւններ. նախ, Թուրքիան իրեն մատակարարուած ուժանիւթին մէկ մասը կը ստանայ Ատրպէճանէն, երկրորդ՝ Թուրքիա ապրող ատրպէյճանցիները կտրականապէս դէմ են արձանագրութիւններուն. երրորդ՝ Էրտողան գերզգայուն է այն մեղադրանքներուն նկատմամբ, թէ՝ ինք սիրաբանութիւն կ՛ընէ թշնամի Հայաստանի հետ՝ դաւաճանելով «եղբայրական» Ատրպէյճանը:

Անշուշտ, իսկական ուժեղ առաջնորդը պէտք է ի վիճակի ըլլայ պաշտպանելու իր երկրի ազգային շահերը ու դիմակայելու արտաքին ու ներքին ճնշումները: Հակառակ միջազգային ուղեւորութիւններու ընթացքին Էրտողանի ամպագոռգոռ ելոյթներուն, փաստը այն է, որ իր իշխանութիւնը կայուն եւ ապահով չէ: Թէեւ ան իր արտաքին գործընկերներուն կը ներկայանայ իբրեւ հզօր երկիրի ղեկավար, սակայն ան ունի ներքին բազմաթիւ թշնամիներ, որոնք շարունակ դաւեր կը նիւթեն՝ զայն վերացնելու համար:

Անցեալ շաբաթ ի յայտ եկան նոր ապացոյցներ, որոնք բացայայտեցին վարչապետ Էրտողանի խոցելի իշխանութիւնը ու նախագահ Ալիեւի կողմէ՝ անոր թուլութիւնը շահագործելու կարողութիւնը: Արդարեւ, Կարսի նախկին քաղաքապետը յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի նախագահը յորդորած էր Էրտողանը քանդել Հայաստան-Թուրքիա բարեկամութեան կիսակառոյց յուշարձանը, իսկ թուրք ղեկավարը հնազանդած էր անոր յորդորին, Կարս կատարած իր այցելութեան ընթացքին: Պատճառաբանելով, թէ արձանը անճոռնի էր եւ տգեղ՝ Էրտողան պահանջած էր քանդել զայն: Կարսի նախկին քաղաքապետը Մարմարայի համալսարանին մէջ ուսանողներուն ըսաւ, որ յուշարձանը քանդելու առաջարկը ներկայացուած է Ալիեւի բացայայտ պահանջով: Հետագային, Կարսի քաղաքային խորհուրդը քուէարկած էր վիթխարի յուշարձանի քանդումին օգտին: Կուրօրէն հետեւելով Ալիեւի հրամաններուն՝ Էրտողան աշխարհի տարածքին ստուեր կը ձգէ իր համբաւին վրայ: Ոմանք Էրտողանի տհաճ արարքը համեմատեցին Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն կողմէ Պուտտայի սրբացած արձաններու ոչնչացումին հետ:

Ասիկա արտառոց իրավիճակ մըն է, երբ փոքր պետութեան ղեկավարը կրնայ է իր կամքը թելադրել աւելի հզօր հարեւանին: Երբ Ալիեւ պահանջեց չվաւերացնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները, «մեծ եղբայրը» պարտաւոր եղաւ եւ իրականացուց Ալիեւ կրտսերին պահանջը: Այնուհետեւ, շփացած «կրտսեր եղբայրը» պահանջեց քանդել թրքական յուշարձանը: Այս հրամանը եւս անվերապահօրէն գործադրուեցաւ:

Եթէ Էրտողան կը կարծէ, թէ Ալիեւին զիջումներ կատարելով՝ կ՛ապահովէ Թուրքիոյ ուժանիւթի մատակարարումը, ապա չարաչար կը սխալի: Զիջում ընելը սայթաքուն զառիվայր մըն է, որ ճանապարհ կը հարթէ առաւել մեծ զիջումներու: Իմանալով, որ իր ցանկութիւնները անառարկելիօրէն կ՛իրագործուին Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ՝ Ալիեւ այժմ ա՛լ աւելի կ՛ուռճացնէ իր պահանջները: Ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր յաջորդ պահանջը Էրտողանէն: Որքա՞ն հեռու կ՛ուզէ երթալ հզօր «Սուլթանը», իր յանձնապաստան (գոռոզ) կրտսեր հարեւանին պահանջները բաւարարելու հարցով: Վերջիվերջոյ, ո՞վ կ՛իշխէ Անգարայի մէջ, Էրտողա՞նը, թէ Ալիեւը:

Սակայն, հայերը պատճառ չունին դժգոհելու այն բանէն, որ Ալիեւ հրահանգներ կ՛ուղղէ Էրտողանին: Թուրքիայէն պահանջելով չվաւերացնել արձանագրութիւնները՝ Ալիեւ ակամայ փրկեց Հայաստանը անխոհեմ պայմանագիրէ, իսկ Կարսի յուշարձանը քանդելու անոր յորդորը՝ Էրտողանին ծաղրանքի առարկայ դարձուց ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան

Պոլսահայերը Կը Ներկայացնեն Փոքրամասնութեան Իրաւունքներու Խախտումները Թուրքիոյ Մէջ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս Պոլսոյ մէջ երկու փաստաթուղթեր նոր լոյս սփռած են Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու խախտումներուն վրայ: Այդ զեկոյցներուն հեղինակները զգուշաւոր, սակայն ճիշդ գնահատական տուած են հայկական, յունական եւ հրէական համայնքներուն դիմաց ծառացած հիմնախնդիրներուն:

«Զեկոյց՝ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ» խորագիրը կրող առաջին փաստաթուղթը թուագրուած է 2011 Փետրուար: Անոր հեղինակներն են երեք յայտնի պոլսահայեր՝ Գրիգոր Տօշեմեչեան, Երուանդ Օզուզուն եւ Մուրատ Պեպիրօղլու:

Հեղինակները նպատակ ունէին Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնախնդիրներուն լուծում գտնել ճիշդ այն ժամանակ, երբ կառավարութիւնը կը նախապատրաստուէր վերանայելու սահմանադրութիւնը՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու իր հնարաւորութիւնները բարձրացնելու համար: Թէեւ հեղինակները չեն նշեր, թէ արդեօք իրենց զեկոյցը ներկայացուա՞ծ է թուրք պաշտօնեաներուն, սակայն իշխանութիւնները, անկասկած, տեղեակ են այդ զեկոյցի բովանդակութեան: Անիկա թրքերէն լեզուով տեղադրուած է Պոլսոյ մէջ գործող hyetert.com կայքէջին վրայ: Ստորեւ թարգմանաբար ներկայացուած են զեկոյցին հիմնական կէտերը.

- Ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն առջեւ ծառացած դժուարութիւնները, հեղինակները կը կապեն 1923ին Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծման հետ, իբրեւ միաձոյլ, միատարր պետութեան, որ հիմնուած էր մէկ մշակոյթի եւ մէկ կրօնի վրայ: Այդ քաղաքականութիւնը լուրջ հետեւանքներ ունեցած է փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, անոնց ստիպելով երկիրէն փախչիլ՝ կամ ձուլուիլ:

- Ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւնները կը դիտուէին կա՛մ իբրեւ օտարերկրացիներ, կա՛մ իբրեւ պետութեան ներքին թշնամիներ: Հնարաւոր չէ գտնել ոստիկան մը կամ սպայ մը, որ փոքրամասնական որեւէ խումբի անդամ ըլլայ: 1934ին Թրակիայէն հրեաներու տեղահանութիւնը, 1942ին փոքրամասնութիւններու ունեցուածքէն ահաւոր չափի հարկերու գանձումը եւ 1955ի Սեպտեմբեր 6-7ին, Պոլսոյ մէջ յոյներու վրայ կատարուած լայնածաւալ յարձակումները յանգեցուցին ոչ միայն այս համայնքներու աղքատացման, այլ նաեւ անոնց մշակոյթի քայքայման: Այսպիսի խտրական քաղաքականութեան եւ դաժան յարձակումներու հետեւանքով, Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն թիւը զգալիօրէն նուազեցաւ՝ 1927ին 350 հազարէն հասնելով մինչեւ ներկայի 80 հազարին, մինչ թուրքերուն թիւը աւելցաւ վեց անգամով:

- Հեղինակները կը նշեն, թէ թրքական կառավարութիւնը վերջերս վերադարձուցած է փոքրամասնութիւններուն պատկանող քանի մը կալուածներ, որոնք բռնագրաւուած էին 1974էն ի վեր: Սակայն փոքրամասնութիւններու այդ հաստատութիւններուն մասին նոր օրէնքին մէջ առկայ հակասութիւններուն եւ թերութիւններուն պատճառով, վերադարձուած կալուածները չեն կրնար շահաւէտ ըլլալ, որովհետեւ ոչ մէկ համայնքի թոյլ կը տրուի զանոնք վերանորոգել:

- Կառավարութիւնը նաեւ խախտած էր Լոզանի պայմանագիրի 41րդ եւ 42րդ յօդուածները, որոնցմով Թուրքիան պարտաւոր էր ֆինանսաւորում եւ հնարաւորութիւններ ապահովել ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններուն՝ կրթական, կրօնական եւ բարեգործական նպատակներու համար, ինչպէս նաեւ պահպանել անոնց կրօնական հաստատութիւնները: Բացի Լոզանի պայմանագիրէն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը շարունակաբար կը խախտէ նաեւ ՄԱԿի խորհրդաժողովներուն եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական խորհուրդի շարք մը դրոյթները:

- Փոքրամասնութիւններուն առջեւ ծառացած ամենալուրջ խնդիրներէն մէկը այն է, որ թրքական կառավարութիւնը չի ճանչնար Հայոց պատրիարքարանն ու Հրէական ռապպինատը, իբրեւ իրաւականօրէն ճանչցուած հաստատութիւն: Միայն անցեալ տարի, Յունական պատրիարքարանը, վերջապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ իրաւական հաստատութիւն:

- Մէկ այլ խնդիր է կառավարութեան կողմից թուրք փոխտնօրէններու նշանակումը՝ փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ վերահսկողութիւն իրականացնելու համար, ինչ որ խոր անվստահութիւն կը յառաջացնէ: Նոր ուսուցիչներու եւ կղերականներու պատրաստումը նոյնպէս անհնար կը դառնայ, թրքական պետութեան կողմէ կրօնական ճեմարաններու փակման պատճառով: Զեկոյցի հեղինակները կը պահանջեն, որ կղերականներուն արտօնութիւն տրուի կրօն դասաւանդելու փոքրամասնութիւններու դպրոցներէն ներս, ինչպէս էր վիճակը անցեալին:

- Եզրափակելով՝ հեղինակները թրքական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընեն, որ «ժողովրդավարական եւ ժամանակակից» սահմանադրութիւն մշակելու ընթացքին հաշուի առնեն վերոնշեալ բոլոր իրաւական հարցերը:

Երկրորդ փաստաթուղթը հարցազրոյց մըն է, զոր «Ակունք» կեդրոնէն Մելինէ Անումեան վարած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ, արքեպիսկոպոս Արամ Աթեշեանի հետ, պատրիարքարանի 550ամեակի նշման նախապատրաստութեան առթիւ: Ըստ Աթեշեան սրբազանի, Պոլիս կը բնակի 67 հազար հայ, իսկ երկրի ներքին միւս բաժիններուն մէջ՝ 3000 հայ. Անգարայի մէջ՝ 500, Ալեքսանդրէթի մէջ՝ 300, Սեբաստիոյ մէջ՝ 70, Մալաթիոյ մէջ՝ 50, իսկ Խարբերդի մէջ՝ 20 հայ ընտանիք: Բացի ատկէ, սրբազանը նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ կան 100 հազար հայեր, որոնք կը վախնան բացայայտելէ իրենց իսկական ինքնութիւնը: Այս ցուցանիշները չեն ներառեր Հայաստանէն եկած ապօրինի աշխատողները, որոնք իրենց անօրինական կարգավիճակին պատճառով, իրաւունք չունին պսակադրուելու, իսկ անոնց երեխաները՝ մկրտուելու պատրիարքարանին կողմէ:

Աթեշեան սրբազանը գոհ է այն բանէն, որ վերջին տարիներուն քանի մը բռնագրաւուած կալուածներ վերադարձուեցան հայերուն: Ան յայտնած է, թէ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի Հայ առաքելական գործող 44 եկեղեցի, որոնցմէ 37ն կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, երեքը՝ Ալեքսանդրէթի, երկուքը՝ Տիգրանակերտի եւ մէկական՝ Մարտինի ու Կեսարիոյ մէջ: Նաեւ, Հայոց պատրիարքարանի հովանիին ներքոյ կը գործեն 12 հայկական դպրոցներ, իսկ Հայ կաթողիկէները ունին երեք դպրոց ու տասը եկեղեցի: Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիա կ՛ապրին 3000 հայ կաթողիկէներ եւ հազար հայ բողոքականներ:

Քաջալերական է այն, որ ինը տասնամեակ անց, Պոլսոյ հայ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարները բաւարար քաջութիւնը ունեցան իրենց ձայնը բարձրացնելու՝ ի պաշտպանութիւն իրենց ոտնահարուած քաղաքացիական իրաւունքներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեան

Երեք Հարցեր, Որոնց Պատասխանել Չցանկացաւ Թուրքիոյ Դեսպանը…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Փետրուար 16ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հանրային դիւանագիտութեան կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանը՝ «Հանրային դիւանագիտութիւն. թրքական փորձը» թեմայով:

Թուրքիոյ դեսպանը Ուաշինկթընի մէջ իր պաշտօնը ստանձնեց անցեալ տարուան Փետրուարին, սակայն իր ժամանումէն շատ չանցած՝ ետ կանչուեցաւ Անգարայի կողմէ, երբ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը բանաձեւ մը ընդունած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ:

Դեսպան Թան անծանօթ մարդ չէ Ուաշինկթընի մէջ, ուր 1991-1995 թուականներուն վարած է դեսպանատան խորհրդականի, իսկ 1997-2001 թուականներուն՝ առաջին խորհրդականի պաշտօնները: Իր դիւանագիտական երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին, ան եղած է Թուրքիոյ դեսպան Իսրայէլի մօտ, Թուրքիոյ դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Ռուսիոյ մօտ եւ արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ՝ Անգարայի մէջ:

Այս ամիս, Լոս Անճելըս կատարած իր առաջին այցելութեան ժամանակ, փորձառու դեսպանը յաջողեցաւ հանդիպիլ քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարայկոսային հետ, ելոյթ ունենալ Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին դիմաց, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունենալ Ամերիկայի հրէական յանձնաժողովին, թրքական համայնքի ղեկավարներուն ու «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի խմբագրական կազմին հետ:

Նախքան անոր ժամանումը, Հարաւային Քալիֆորնիոյ թուրք-ամերիկացիներու միութիւնը ծանուցում մը զետեղած էր իր համացանցային կայքէջին վրայ՝ կոչ ընելով տեղի թուրքերուն մասնակցելու դեսպանի հրապարակային ելոյթին, եւ «ակնառու աջակցութիւն ցուցաբերելու… մանաւանդ՝ ըստ սովորութեան՝ վարկաբեկող անհատներու առկայութեան պարագային»:

Դիմագրաւելով «վարկաբեկող» պիտակաւորում ստանալու վտանգը՝ որոշեցի ներկայ գտնուիլ Թուրքիոյ դեսպանի բանախօսութեան, որ բախտի հեգնանքով տեղի ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Ronald Tutor Campus» կեդրոնին մէջ, որ կը կրէ Ցեղասպանութիւնը վերապրած Al Tutor-ի (Վարժապետեանի) բարերար որդւոյն անունը: Անցայ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի ծառայութեան բազմաթիւ գործակալներու, համալսարանի ապահովական ուժերու աշխատակիցներուն եւ թուրք թիկնապահներու շարքերուն կողքէն, որոնց թիւը, ակնյայտօրէն, կը գերազանցէր միջոցառման մասնակիցներունը: Զիս զարմացուց այն, որ ներկայ էին միայն բուռ մը հայեր ու թուրքեր, որոնք գլխաւորաբար համալսարանի ուսանողներն ու դասախօսներն էին:

Դեսպան Թան, շուրջ կէս ժամ, կատարեալ անգլերէնով, լաւագոյն կերպով ներկայացուց իր երկիրը: Նկատի ունենալով, որ ան չանդրադարձաւ հայկական հարցերուն, որոշեցի բարձրացնել հետեւեալ փոխկապակցուած հարցերը.

Վերջերս Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերանորոգեց քանի մը հայկական եկեղեցիներ: Նախքան Ցեղասպանութիւնը, ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կային հազարաւոր հայկական եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնց մեծ մասը վերածուած է մզկիթներու, պահեստներու եւ ախոռներու, իսկ շատերը ոչնչացուած են: Արդեօ՞ք ժամանակը չէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը այդ հայկական եկեղեցիները վերադարձնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին: Միաժամանակ, երբ հայերը տեղահան եղան եւ սպաննուեցան, անոնք թողեցին իրենց տուները, կալուածները եւ անձնական գոյքը: Արդեօք ժամանակը չէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը իսկական հայ տէրերու ժառանգորդներուն վերադարձնէ անոնց ունեցուածքը: Եւ վերջապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին առնչութեամբ նախագահ Օպամա, անցեալ տարուան Ապրիլի 24ի իր ուղերձին մէջ յայտարարեց. «95 տարի առաջ, 1.5 միլիոն հայեր բնաջնջուեցան կամ մահարշաւի դատապարտուեցան Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն»: Եթէ համարէք, որ այդ մէկը ճիշդ չէ, ապա դուք արդեօք ստախօս չէ՞ք անուաներ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ահա՛ դեսպան Թանի պատասխանը.

«Պէտք է վերջ դնել այս ատելութեան: Եւ ատիկա պէտք է ընել հնարաւոր չափով շուտ: Այդ պատճառով, մենք կը փորձենք ձեռք մեկնել մեր հայ ընկերներուն, եւ ստորագրած ենք (Հայաստան-Թուրքիա) արձանագրութիւնները: Այս արձանագրութիւններուն մէջ մեր ներառած առաջարկներէն մէկով մենք ցանկութիւն կը յայտնենք, որ կազմուի պատմական հարցերը ուսումնասիրող անկախ յանձնաժողով մը, որուն մէջ ներկայացուցիչներ ընդգրկուին աշխարհի տարբեր երկիրներէ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ ձեր հայեցողութեամբ՝ որեւէ այլ երկիրէ: Անոնք կ՛ուսումնասիրեն այդ ենթադրութիւնները, եւ մենք, բոլորս միասին կը տեսնենք որոշումը: Սակայն պատմութիւնը կարելի չէ օրէնսդրութեամբ սահմանել: Կարելի չէ այս ձեւով դատել պատմութիւնը: Ուստի, ես կը կարծեմ, որ այդ մէկը շատ ժխտական զգացումներ կը յառաջացնէ մեր հասարակութիւններուն մէջ: Հայերը պատմականօրէն մեծ ներդրում ունեցած են մեր ընկերային կեանքին մէջ: Հետեւաբար, մենք պէ՛տք է շարունակենք նման յանձնառութիւններ, սակայն պէտք է դադրեցնել այս ատելութիւնը»:

Ես քաղաքավարութեամբ յիշեցուցի դեսպան Թանին, թէ ան պատասխան չտուաւ հարցումներէս որեւէ մէկուն. յիշեցումիս ի պատասխան՝ ան ըսաւ. «Այդ է իմ պատասխանս»: Հաւանաբար, ան պատրաստ չէր դիմակայելու քաղաքական այսպիսի նուրբ հարցեր: Խոյս տալով հարցումներէս՝ ան բացասական ազդեցութիւն ձգեց լսարանին վրայ, հակառակ անոր ունեցած բարձր դիւանագէտի որակաւորման: Ծրագիրի աւարտին, լսարանէն դուրս գալով՝ դեսպան Թան մօտեցաւ ինծի եւ ձեռքս սեղմելով շնորհակալութիւն յայտնեց հարցումներուս համար: Ես նշեցի, որ անոր գնահատականը ճիշդ չէր, որովհետեւ Հայկական Հարցը ոչ մէկ կապ ունի «ատելութեան» հետ: Նաեւ բացատրեցի, թէ Թուրքիան ահաւոր ոճիր գործած է ընդդէմ հայ ժողովուրդին, եւ թէ հայերը «ատելութեամբ» կուրցած չեն, այլ պարզապէս՝ «արդարութիւն» կը պահանջեն: Դեսպանը շրջելով, խորհրդաւոր ժպիտը դէմքին՝ հեռացաւ:

Թէեւ դեսպան Թան խուսափեցաւ պատասխանելէ հարցումներուս, սակայն մեր միտքերու հրապարակային փոխանակումը բարենպաստ ազդեցութիւն ունեցաւ՝ բացայայտելով համալսարանի լսարանին, դեսպանին եւ անոր շրջապատին, հայ ժողովուրդին արդար պահանջը Թուրքիայէն, վերջինիս գործած ոճիրին պատճառով: Իրապէս, անհրաժեշտ է որեւէ առիթով հակազդել թուրք պաշտօնեաներուն, որպէսզի ո՛չ անոնք, ոչ ալ անոնց լսարանը կարենան անտեսել կամ մոռնալ Հայկական պահանջները:

Դատարանը Կայացուց Իր Վճիռը. Արդեօք Ամերիկահայերը Հիմա Պիտի Կրնա՞ն Համախմբուիլ՝ Ցեղասպանութեան Թանգարանը Միասնաբար Կառուցելու
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Շուրջ չորս տարի տեւած անախորժ դատական պայքարներէ ետք, Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատաւորը անցեալ ամիս որոշում կայացուց «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարին ներկայացուցած շարք մը դատական հակընդդէմ հայցերուն գծով: Սոյն վէճը կը վերաբերի ստեղծմանը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ յուշահամալիրին (AGM&M), որ կը գտնուի Սպիտակ տունէն երկու թաղամաս հեռաւորութեան վրայ:

Դատաւոր Քոլին Քոլըր-Քաթըլի կատարեց այնպիսի բան մը, որ երբե՛ք չէր կատարուած որեւէ դատարանի կողմէ, երբ իր 190 էջնոց վճիռը սկսաւ Ատոլֆ Հիթլըրի սահմռկեցուցիչ խօսքերով. «Ի վերջոյ, այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին»: Ան շարունակեց՝ բացատրելով, թէ Հիթլըր վկայակոչած էր Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան թրքական կառավարութեան մեծ մասամբ յաջողած ջանքերը՝ ուղղուած իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրող հայ ժողովուրդի բնաջնջման, որ այժմ յայտնի է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն: Այնուհետեւ դատաւորը աւելցուց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը լայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող շուրջ 2.1 միլիոն հայերէն մօտաւորապէս 1.5 միլիոնը սպաննուեցաւ, իսկ հարիւր հազարաւոր հայեր տեղահան եղան: Այդ ժամանակահատուածին, հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ տեղահանութեան, ունեցուածքի բռնագրաւման, բռնի դաւանափոխութեան, առեւանգումի, տանջանքներու, կոտորածներու եւ սովի»:

Հայկական համագումարը եւ «AGM&M»ը վերոնշեալ դատական հայցով կը պնդէին, թէ Ճերալտ Գաֆէսճեան եւ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի փոխնախագահ Ճոն Ուոթըրզ խախտած են «AGM&M»ի եւ համագումարին հանդէպ իրենց ստանձնած պարտականութիւնները, եւ թէ Ճ. Գաֆէսճեան խախտած էր համագումարին հետ բարեխիղճ եւ արդար գործարքի իր պարտականութիւնը, իսկ Գաֆէսճեանն ու Ուոթըրզ ապօրինաբար տիրացած էին համագումարին առեւտրային գաղտնիքներուն: Դատաւորը այս բոլոր մեղադրանքները անհիմն համարեց:

Ի պատասխան «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամի մեղադրանքներուն, դատարանը վճռեց, որ «ո՛չ Համագումարը եւ ոչ ալ «AGM&M»ը խախտած են դրամաշնորհի եւ փոխանցման համաձայնագիրները կամ բարեխիղճ ու արդար գործարքի համապատասխան պայմանագրային իրենց պարտականութիւնները»: Դատարանը նաեւ որոշում կայացուց, թէ «անարդար հարստացման» վերաբերեալ հայցը, «արգիլուած է առկայ գրաւոր համաձայնագիրներով»:

Մինչեւ դատավճիռ կայացնելը, դատաւոր Քոլըր-Քաթըլի ջանադրաբար վերականգնեց կողմերուն միջեւ առկայ խճճուած եւ յաճախ թշնամական յարաբերութիւնները, թէեւ անոնք երկար տարիներ միասին աշխատած էին Հայկական համագումարին, «AGM&M»ի խորհուրդներուն եւ ծրագիրներու յանձնախումբերու մէջ: Համագումարի որոշ ղեկավարներ, դատարանին մէջ ցուցմունքներ տալու ընթացքին չկրցան հիմնական մանրամասնութիւններ յիշել հանդիպումներուն եւ միջոցառումներուն վերաբերեալ՝ ա՛լ աւելի բարդացնելով դատաւորին գործը. վերջինս կասկածեցաւ, որ անոնց «յիշողութեան բացակայութիւնը աւելի շատ կը բխի յարմարաւէտութենէ, քան՝ իմացութենէ»: Դատաւորը կռահեց, թէ Համագումարի ղեկավարներ Հրայր Յովնանեանի, Վան Գրիգորեանի եւ Փիթըր Ոսպիքեանի «յիշողութեան բացակայութիւնը այլ բան չէ, եթէ ոչ փորձ՝ (գիտակից կամ անգիտակից) նուազեցնելու համար իրենց ներգրաւուածութիւնը այնպիսի համաձայնագիրի մը մէջ, որ վատ համարուեցաւ համագումարին համար»: Այնուհետեւ դատաւորը յայտարարեց, թէ թանգարանի յանձնախումբի ժողովներու որոշ արձանագրութիւններ կա՛մ կը բացակայէին, կամ ալ, առնուազն մէկ անգամ, փոփոխութեան ենթարկուած են համագումարի պաշտօնեային կողմէ:

Դատաւորը հետամուտ եղաւ 2000ին նշեալ վէճի ծագումին, երբ համագումարը 7.25 միլիոն տոլար վճարած էր՝ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող դրամատան շէնքը գնելու, իբրեւ հնարաւոր վայր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին համար: Այդ գումարը՝ հաւասար չափով՝ համագումարին նուիրած էին Անոյշ Մաթեւոսեանը եւ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը: «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը նաեւ համագումարին 500 հազար տոլարի վարկ տրամադրած էր: Գաֆէսճեանը յետագային լրացուցիչ 12 միլիոն տոլար եւս վճարած էր՝ դրամատան շէնքին յարակից եւս չորս շինութիւններ ձեռքբերելու եւ զանոնք համագումարին նուիրելու համար, որպէսզի վերջինս ընդարձակէ թանգարանին յատկացուած տարածքը: Այս ներդրումը կատարելով՝ Գաֆէսճեան 2003 թուականի Նոյեմբեր 1ին ստորագրուած դրամաշնորհի համաձայնագիրի պայմաններուն մէջ ընդգրկած էր «վերադարձման մասին» դրոյթը, որով պայման դրուած էր՝ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին վերադարձնել դրամաշնորհին միջոցները կամ նուիրաբերուած սեփականութիւնը, եթէ մինչեւ 2010ի Դեկտեմբեր 31, համագումարը չյաջողի աւարտել թանգարանին ստեղծումը:

Ի սկզբանէ կ՛ակնկալուէր թանգարանին բացումը կատարել 2002ի Ապրիլին: Նկատի ունենալով, որ յանձնաժողովի անդամները սկսած էին վիճելու նախագիծի ծաւալին եւ այլ հարցերու շուրջ, բացման թուականը շարունակ կը յետաձգուէր: Գրեթէ 10 տարի անց, տակաւին թանգարանին մօտալուտ բացումը չ՛ակնկալուիր: Մինչ համագումարի խորհուրդի նախագահ Յովնանեանը կը նախընտրէր, որ թանգարանի պիւտճէն սահմանափակուի 15 միլիոն տոլարով, Գաֆէսճեան կ՛առաջարկէր աւելի յաւակնոտ նախագիծ մը, որուն արժէքը բազում անգամ կը գերազանցէր այդ գումարը: Գաֆէսճեան նաեւ մտահոգուած էր այն բանով, որ վիճայարոյց Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնաժողովը, որուն մեծապէս կ՛աջակցէին Յովնանեանն ու Գիրգորեանը, պիտի հիասթափեցնէ թանգարանի հնարաւոր նուիրատուները:

Գաֆէսճեանի եւ Յովնանեանի «մրցակցող տեսլականներուն» միջեւ համաձայնութիւն ապահովելու քանի մը անյաջող փորձերէ ետք, Գաֆէսճեան յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ իրենց տարաձայնութիւնները անհաշտելի են: Ան թողեց թանգարանի խորհուրդը եւ պահանջեց, որ ըստ նախօրօք ստորագրուած «վերադարձման համաձայնագիր»ին՝ սեփականութիւնը վերադարձուի «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին: Յովնանեան զայրացած՝ Ուոթըրզի ըսաւ. «Ես ամէն ջանք պիտի թափեմ, որ կործանեմ զայն (Գաֆէսճեանը) եւ անոր հիմնադրամը»: 2006ի Սեպտեմբեր 13ին, Գաֆէսճեանը, իբրեւ «AGM&M»ի նախագահ՝ տուաւ իր հրաժարականը:

Հետագային, երկու կողմերը առանձին եւ հակընդդէմ դատական հայցեր ներկայացուցին՝ շարք մը պահանջներու շուրջ: Այս երկար դատավարութեան ամենակարեւոր արդիւնքը դատաւոր Քոլըր-Քաթըլիի որոշումն էր, ըստ որուն, դրամաշնորհի համաձայնագիրին մէջ նշուած վերադարձման դրոյթը «վաւերական է եւ գործադրման ենթակայ», իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը իրաւունք ունի վերստանալու նախապէս Ամերիկայի հայկական համագումարին իր նուիրաբերած ունեցուածքը: Աւելին, դատարանը որոշեց, որ «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը կը վերապահէ «AGM&M» խորհուրդի չորս հոգաբարձուներէն մէկ աթոռի իրաւունք:

Բացի ատկէ, դատաւորը նկատեց, թէ հակառակ անոր, որ համագումարը խախտած է «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամին նկատմամբ իր ունեցած պայմանագրային պարտաւորութիւնները՝ չվճարելով 2000ի Մարտին 500 հազար տոլարի խոստումնագիրը, «Գաֆէսճեան ընտանիք» հիմնադրամը չի կրնար այլեւս ետ ստանալ այդ գումարը, որովհետեւ օրէնքով նախատեսուած դատ բանալու ժամկէտը անցած է:

Այնուհետեւ, դատաւորը կայացուց որոշում մը, ըստ որուն, «AGM&M»ը պարտաւոր է փոխհատուցել այն իրաւաբանական ծախսերը, զորս Գաֆէսճեանն ու Ուոթըրզը կատարած են՝ համագումարին կամ «AGM&M»ի կողմէ իրենց դէմ բացուած դատերուն ընթացքին պաշտպանուելու համար. դատարանը այս ամսուան վերջաւորութեան, պէտք է որոշէ դատական ծախսերու փոխհատուցման գումարը, որ, ըստ Գաֆէսճեանի եւ Ուոթըրզի՝ կը կազմէ 3 միլիոն տոլար:

Դաշնակցային դատաւոր Քոլըր-Քաթըլի, իր համապարփակ եզրակացութեան մէջ երկու կողմերուն կոչ ըրաւ, որ ջանան բարեկամաբար լուծել իրենց մնացեալ վէճերը: Ան անկեղծ ցանկութիւն յայտնեց, որ «երկար տարիներու իրաւական պայքարէն ետք, կողմերը մէկդի դնեն իրենց տարաձայնութիւնները եւ իրագործեն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ու յուշահամալիրի ստեղծման՝ գովասանքի արժանի նպատակը»:

Ակնյայտ է, որ հետագայի դատական գործընթացները պիտի ըլլան միայն ժամանակի եւ դրամի աւելորդ վատնում: Եթէ երկու կողմերը ի վիճակի չեն շտապ համաձայնութեան գալու, ապա Ամերիկայի հայկական հսկայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ այլ բարերարներ պէտք է ընդառաջեն եւ ցոյց տան իրենց պատրաստակամութիւնը համախմբուելու, անհրաժեշտ ծրագիրներ իրականացնելու եւ միջոցներ հայթայթելու՝ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ այս կարեւորագոյն ծրագիրը կեանքի կոչելու համար:

Թանգարանի բուն գաղափարը, որ առաջին անգամ ծագեցաւ 12 տարի առաջ, կրնայ օգուտ ստանալ Ամերիկայի հայկական համայնքի տարբեր հատուածներու յաւելեալ ներդրումներէն: Բացի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վաւերացնող ցուցանմոյշներ եւ նիւթեր պարունակելէ, թանգարանը կրնայ նաեւ գիտնականներու եւ միջազգային իրաւաբաններու համար ուսումնասիրութիւններու կեդրոն դառնալ, պետական եւ միջազգային դատարաններու միջոցով Թուրքիայէն հայկական օրինական պահանջները հետապնդելու համար: Թանգարանը կրնայ նաեւ արժեւորել ոչ միայն հայ ժողովուրդի գոյատեւումը, այլեւ՝ վերածնունդը, եւ հայերուն բերած պատկառելի աւանդը Ամերիկային եւ համաշխարհային հանրութեան:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմ.՝ Ռ. Աւագեանի

Սփիւռքը Պիտի Ներկայացուի Հայաստանի Սենաթին Մէջ. Բազմաթիւ Հարցումներ, Սակաւաթիւ Պատասխաններ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Սոյն թուականի Յունուար 30ին, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կատարած յայտարարութեան համաձայն, Հայաստանի հանրապետութիւնը մտադիր է Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարել՝ ստեղծելու համար նոր օրէնսդրական վերին պալատ մը՝ Սենաթ, որ իր շարքերուն մէջ պիտի ընդգրկէ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ:

Այս լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ամբողջ Հայկական աշխարհին մէջ, իսկ արձագանգը նոյնանման չէր: Իշխանամէտ շրջանակները մեծ ոգեւորութեամբ ողջունեցին այս առաջարկը, մինչդեռ ընդդիմադիրներ խստօրէն քննադատեցին զայն: Ըստ իս, թէ՛ գովասանքը եւ թէ քննադատութիւնը վաղաժամ էին, քանի որ նախարարին յայտարարութիւնը միայն որոշ մանրամասնութիւններ կը պարունակէր առաջարկուող Սենաթին մասին:

Հետաքրքրական է այն, որ հակառակ նախագահ Սարգսեանի Սենաթ ստեղծելու մտադրութեան մասին նախարար Յակոբեանի յայտարարութեան, նախագահին մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեանը նախազգուշացուց, թէ ասիկա բազմաթիւ առաջարկներէն մէկն է, որ լուրջ քննարկման կարիք ունի: Ան աւելցուց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը բարդ եւ երկարատեւ ընթացակարգ է: Մէկ շաբաթ ետք, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանն ալ, իր կարգին, աւելի նսեմացուց սփիւռքի նախարարին յայտարարութիւնը՝ նշելով, որ անիկա պիտի չքննարկուի մինչեւ յաջորդ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտը, նկատի ունենալով օրէնսդիր մարմինին ծանրաբեռնուած օրակարգը:

Այս նախնական փուլին կարելի է միայն հարցեր տալ՝ մեկնելով սփիւռքի նախարարին այն պնդումէն, թէ նախքան առաջարկուող Սենաթի կառուցուածքին եւ պարտաւորութիւններուն վերաբերեալ որեւէ որոշում կայացնելը, լայն խորհրդակցութիւններ պիտի ծաւալին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

Ահա շարք մը գլխաւոր հարցեր, զորս պէտք է նկատի առնեն անհատները, կազմակերպութիւնները եւ կառավարութեան պաշտօնեաները, նախքան ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելն ու Սենաթ ստեղծելը.

- Արդեօք Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիները գոհ կը մնա՞ն իրենց օրէնսդիր մարմինին մէջ սփիւռքահայերու ներկայութենէն, թէ հայ ըլլալով հանդերձ զանոնք կը դիտեն իբրեւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ, որոնք կը միջամտեն իրենց ներքին գործերուն:

- Արդեօք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Սփիւռքէն ընտրուած ներկայացուցիչներու ընդգրկումը Սենաթին մէջ չի՞ դիտուիր իբրեւ Սփիւռքի վրայ Հայաստանի իշխանութիւններու անհարկի ազդեցութեան փորձ:

- Ինչո՞ւ կարելի չէ սփիւռքահայերը ընդգրկել ներկայիս գոյութիւն ունեցող խորհրդարանին մէջ, Սենաթ ստեղծելու փոխարէն:

- Ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ Սենաթի օրէնսդրական լիազօրութիւնը, եւ անիկա ինչո՞վ պիտի տարբերի գործող խորհրդարանէն:

- Քանի որ հայերուն մեծամասնութիւնը կը բնակի Հայաստանի սահմաններէն դուրս, արդեօք առաջարկուող Սենաթը բաղկացած պիտի ըլլա՞յ աւելի շատ Սփիւռքի ներկայացուցիչներէ, քան հայաստանցիներէ:

- Ինչպէ՞ս պիտի ընտրուին անդամները: Արդեօք անոնք պիտի ընտրուին հասարակութեա՞ն կողմէ, թէ պիտի նշանակուին կառավարութեան կամ խոշոր կազմակերպութիւններու կողմէ: Եթէ անոք պիտի ընտրուին, ապա ի՞նչ պիտի ըլլան ընտրողներուն եւ թեկնածուներուն տուեալները, ո՞վ պիտի սահմանէ չափանիշները եւ ո՞վ պիտի կազմակերպէ ընտրութիւնները:

- Եթէ Սենաթի անդմաները պէտք է ընտրուին, ապա ի՞նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկել՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացում ապահովելու համար:

- Արդեօք Սփիւռքի ներկայացուցիչները կրնա՞ն պահպանել իրենց ներկայ քաղաքացիութիւնը եւ ընդունիլ երկքաղաքացիութիւն, թէ ստիպուած են հրաժարելու օտարերկրեայ քաղաքացիութենէն:

- Արդեօք Սփիւռքի անդամները պարտաւո՞ր են Հայաստան տեղափոխուիլ՝ մշտական նստաշրջաններուն մասնակցելու համար, թէ անոնք պէտք է Հայաստան գան կարճ ժամանակահատուածներով, մասնակցելու համար միայն համահայկական հարցերուն նուիրուած ժողովներու:

- Կա՞ն արդեօք ծրագիրներ՝ համեմատական ուսումնասիրութիւն կատարելու օտար երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն մէջ սփիւռքներէն ներկայացուցիչներու մասնակցութեան մասին:

- Արդեօք Սփիւռքի անկախութիւնն ու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը պահպանելու համար աւելի նպատակայարմար չէ՞ր ըլլար Սփիւռքի յատուկ կառոյցի մը ստեղծումը, ինչպէս ես առաջարկած էի անցեալ տարուայ Նոյեմբերին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ կայացած համաժողովի մը ընթացքին: Այդ պարագային, ամբողջ աշխարհի հայկական համայնքները կ՛ընտրէին իրենց ներկայացուցիչները Համահայկական կառոյցին մօտ, որ իր կարգին, հետագային պատուիրակներ կ՛ընտրէր իր շարքերէն՝ Հայաստանի օրէնսդիր մարմինի աշխատանքներուն մասնակցելու համար:

- Արդեօք զուտ պատահականութի՞ւն էր, որ ՀՅԴ առաջնորդները Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ընդ-գրկող Սենաթ մը ստեղծելու գաղափարը հրապարակայնօրէն քն-նարկեցին, Սփիւռքի նախարարի վերջին յայտարարութենէն շատ աւելի առաջ: Հետաքրքրական է այն, որ ՀՅԴն անմիջապէս իր աջակցութիւնը յայտնեց այս նախաձեռնութեան, մինչդեռ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը դէմ արտայայտուեցաւ անոր, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Կոնգրեսը սոյն առաջարկը անուանեց «անհեթեթութիւն»:

Ուրախալի է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջիվերջոյ ընդունեց, թէ անհրաժեշտ է Սփիւռքի հայերը ընդգրկել համահայկական որոշումներ կայացնելու գործընթացին եւ կառոյցներուն մէջ: Սակայն, նախքան վճիռ կայացնելը, խելամտութիւն կ՛ըլլայ սպասել ու տեսնել, թէ Հայաստանի ղեկավարները ճիշդ ի՞նչ մտադրութիւն ունին՝ Սփիւռքի ներկայացուցչութիւն առաջարկելով նոր Սենաթին մէջ: Վերջնական որոշումը պէտք է բացառապէս հիմնուած ըլլայ այն կէտին վրայ, որ արդեօ՞ք այս կամ որեւէ այլ միջոցառում կը բխի հայերուն շահերէն՝ ըլլայ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր