Չբաւարարուելով տարածաշրջանին տիրապետելու իր նոր օսմանեան քաղաքականութեամբ, Թուրքիան որոշած է ընդլայնել իր ազդեցութեան ծիրը դէպի շատ աւելի հեռուները՝ երկրագունդի չորս կողմերը:
Դոկտ. Թաներ Աքչամ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին թուրք գիտնականներէն է, անցեալ շաբաթ երկու կարեւոր ելոյթներ ունեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Պատմական ուսումնասիրութեանց հիման վրայ, ան վերլուծեց Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման հիմքերը եւ լուծումներ առաջարկեց՝ անոր պաշտօնական ճանաչման համար:
Վերջին շաբաթներուն թրքական կառավարութիւնը յաջորդական կերպով վատ լուրեր կը ստանայ։ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու անոր յարատեւ քաղաքականութիւնը լուրջ վնասներ կրեց, երբ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբը, Շուէտի խորհրդարանը եւ Սպանիոյ մէջ Քաթալոնիոյ Շրջանային խորհրդարանը որդեգրեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծեր։
Արդէն բաւարար չէր, որ նախագահ Օպամա եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ձախողեցան յարգել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնները վերահաստատելու իրենց նախընտրական խոստումները, անցեալ շաբաթ անոնք աստիճան մը եւս ստորնացան երբ՝ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ օրինագիծին վաւերացումէն ետք, Քլինթըն յայտարարեց, թէ ինք եւ նախագահը դէմ են Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին վաւերացման։
Արտասահմանի պուլկարացիներու գործակալութեան պատասխանատու՝ Պուլկարիոյ նախարար Պոճիտար Տիմիթրով մեղուներու փեթակը խառնեց նոր տարուան սկիզբը, սպառնալով արգիլել Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը, եթէ Թուրքիա չհամաձայնի վճարել միլիառաւոր տոլարի գումարներ՝ իբրեւ հատուցում այն պուլկարացիներուն, որոնք բռնի կերպով տեղահանուած էին Օսմանեան ժամանակաշրջանին
Ամերիակահայ կազմակերպութիւններուն ուղղուած Նոյեմբեր 20 թուակիր իր նամակին մէջ նախագահ Օպամա անգամ մը եւս ամօթալի բառախաղեր ըրաւ «ցեղասպանութիւն» եզրով։ Այս հանգրուանին արդէն մարդ պէտք է չափազանց միամիտ ըլլայ, որպէսզի հաւատայ, թէ ան պիտի ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի մնացեալ տարիներուն։
Զեղուն ըսի-ըսաւներու ամիսներէ եւ լրատուութեան սպրդումներէ ետք, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները, Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ, 31 Օգոստոսին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ հանրութեան տրամադրութեան տակ դնելով երկու օրինակարգեր՝ մտադիր ըլլալով կանոնաւորել իրենց խնդրայարոյց յարաբերութիւնը
Քարիւղի իր նկատառելի եկամուտը գործածելով, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը քարոզարշաւ մը կը շղթայազերծէ՝ սիրաշահելու համար ամերիկացի քաղաքական դէմքերը եւ աղարտելու համար Հայաստանն ու Արցախը (Ղարաբաղը)։
Այս երկու զոյգ նպատակակէտերը իրագործելու համար Ատրպէյճան վերջին երեք տարիներուն միլիոնաւոր տոլար ծախսած է՝ վարձելու համար լոպպիինկի շարք մը մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս՝ «Տը Լիվինկսթըն Կրուփ»ը, «Ճէյ.Տապըլիու.Այ.»ը, «Չլոփաք, Լենըրտ, Շեշթըր եւ Գործակիցներ»ը եւ [...]
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ տարի իմ ստորագրած յօդուածներէս մէկուն մէջ ես Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Իրաքի հայերուն ուշադրութեան յանձնեցի, թէ անոնք եզակի առիթը ունէին Թուրքիոյ մէջ իրենց կալուածներուն համար հատուցում ստանալու։
Չորս կառավարութիւններն ալ, քանի մը տասնամեակ երկարած բանակցութիւններէ ետք, վերջապէս մօտեցած են լուծելու Օսմանեան կայսրութեան փլուզման իբրեւ հետեւանք, իրենց հողային տագնապ յառաջացնող երկկողմանի պահանջներու հարցը։ Թուրքիոյ [...]
Մինչ կարգ մը հայեր կ’արձակեն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Օպամայի քարոզարշաւի հանդիսաւոր խոստումը, թուրք ղեկավարները նախագահին խոստումը շատ լուրջի առած են։
Անգարան Ուաշինկթըն գործուղած է շարք մը բարձրաստիճան պատուիրակներ, թէ՛ Օպամայի պաշտօնի ստանձնման արարողութենէն առաջ եւ թէ՛ անկէ ետք՝ Սպիտակ տան եւ Քոնկրէսի գլխաւոր որոշում առնողներուն մօտ այդ հարցին գծով արագ լոպպիինկի աշխատանք տանելու նպատակով։
[...]
Երեւանի պաշտօնատարներուն կողմէ կատարուած երկու ցնցիչ յայտարարութիւններ խորապէս մտահոգած են հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ։
Առաջին յայտարարութիւնը կատարուեցաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, 21 Փետրուարին, «Տնտեսական միջազգային համագործակցութեան հեռանկար. հարցեր եւ լուծումներ» խորագրեալ Միջազգային տնտեսական ֆորումին ընթացքին։ Խորհրդաժողովին ներկայ եղան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ գործարարներ Ռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Իրանէն եւ շարք մը ուրիշ երկիրներէ:
Իր ելոյթին [...]
Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան վերջ դնելու նախագահ Օպամայի յայտարարութենէն ի վեր, թուրք պաշտօնատարներ մեծ ախորժակով պատրաստուած էին շարք մը պահանջներ ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներուն, Թուրքիոյ միջոցաւ ամերիկեան զօրքերուն տուն դարձը արտօնելու առիթին փոխարէն։
Իբրեւ ՆԱԹՕի դաշնակից մը եւ բուռն հակառակորդ մը Իրաքի պատերազմին, կ’ակնկալուէր, որ թրքական կառավարութիւնը ամէն տեսակի գոմակային օժանդակութիւն ցուցաբերէր Միացեալ Նահանգներուն՝ իրենց [...]
Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնները խեղաթիւրելու իրենց մնայուն ջանքերուն մէջ, թուրք ուրացողները ամէն տեսակի հնարքներու կը դիմեն։ Անոնց վերջին ծրագիրը Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ սեպ մը խրելն է, պնդելով, որ Երեւանի իշխանութիւնները պատրաստ են Ցեղասպանութեան հարցէն հրաժարելու եւ թուրքերուն հետ հաշտուելու, եթէ չըլլայ «չարաշուք ազդեցութիւնը» Սփիւռքի հայերուն, որոնք մնայուն կերպով կ’ակնահարեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան բոլոր [...]
Կան լուրջ ցուցանիշներ այն մասին, թէ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներու հրէական կազմակերպութիւնները արդէն նուազ պատրաստակամ են նեցուկ կանգնելու Քոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը արգիլելու նպատակով Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած լոպպիինկի աշխատանքներուն։
Այդ երկու ռազմավարական դաշնակիցներուն միջեւ անհաշտութիւնը սկսաւ, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կոշտ կերպով դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Կազայի վրայ կատարուած յարձակումը եւ հրէական [...]
Թրքական մամուլը կանոնաւոր կերպով սուտեր կը հաղորդէ եւ չափազանցուած հռչակումներ կը կատարէ։ Այդ սխալ տեղեկութիւններուն վերջինը կը վերաբերէր 2009ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք «Եուրովիժըն»ի երգի մրցումին System of a down ամերիկահայ ռոք խումբի մասնակցութեան արգիլման։
Ի՞նչ են իրականութիւնները։ Անցեալ Օգոստոսին, «Ասպարէզ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, խումբի գլխաւոր երգիչ Սերժ Թանգեան դիտել տուաւ, թէ ֆինլանտացի [...]
Զայրացած ըլլալով Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին դէմ Թուրքիոյ դատապարտութեան խիստ ոճէն՝ իսրայէլացի պաշտօնատարներ եւ թուրք վերլուծաբաններ ներկայիս կը խօսին Թէլ Աւիւի կողմէ հաւանական փոխհատուցման մասին. անոնք կրնան ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կամ մերժել օժանդակութիւն ցուցաբերել ցեղասպանութեան վերաբերեալ քոնկրէսական բանաձեւի մը դէմ Թուրքիոյ լոպպիինկին մէջ։
Դէպքերու այս չակնկալուած զարգացումը հակադարձութիւն էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի շարունակուող [...]
Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ի վեր թուրք դիւանագէտներ, երկու կողմերու բարեկամ ձեւանալով՝ մէկ մեծ տէրութիւն մը ուրիշի դէմ ցցելու խաղին մէջ վարպետներ եղած են։
Վերջերս թուրք պաշտօնատարներ, իրենց երկիրը եւրոպական, իսլամական, աշխարհիկ, ամերիկամէտ, ռուսամէտ, երրորդ աշխարհամէտ, արաբամէտ եւ իսրայէլամէտ ներկայացնելով՝ տարբեր դիմակներ կրած են։
Բայց եւ այնպէս, երբեմն միջազգային մեծ տագնապ մը անոնց կեղծաւորութիւնը բացայայտելով՝ Թուրքիոյ [...]
Ամբողջ տարի շարունակ լուրջ հարցեր մեկնաբանելէ ետք, այս տօնական օրերուն մեր ընթերցողներուն կ’ուզեմ այս շաբաթ քիչ մը զուարճալի նիւթ մը ներկայացնել։
«Վերայիթի» պարբերաթերթը եւ աշխարհի տարածքին հարիւրաւոր տեղեկատու աղբիւրներ անցեալ ամիս հաղորդեցին, որ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ Պաթման փոքր քաղաքին քաղաքապետը կը ծրագրէ «Տը տարք նայթ»ի բեմադրիչ Քրիսթըֆըր Նոլընի եւ «Ուորնըր պրատըրզ»ի դէմ մեծ շահ ապահոված [...]
Հակառակ Թուրքիոյ թէ արտասահմանի մէջ անոր քննարկումը ջնջելու թրքական կառավարութեան յամառ ջանքերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը հետզհետէ աւելի ուշադրութեան կ’արժանանայ։
Անցեալ շաբթուան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու կոչեր հրապարակուեցան, մէկը թուրք մտաւորականներու կողմէ, իսկ միւսը՝ Հայաստանի մէջ ականաւոր անձնաւորութիւններու։
Թրքական կոչի նախաձեռնութիւնը կը պատկանէր մասնագէտներ Ահմէտ Ինսելի, Պաշքըն Օրանի եւ Ճենկիզ Աքթարի, ինչպէս նաեւ՝ լրագրող Ալի [...]
Հայաստանի երկրաշարժի 20րդ ամեակի ոգեկոչման յատուկ հանդիսութեանց մասնակցելու համար, վարչապետին հրաւէրով կը գտնուիմ Հայաստան։
Դժուար է հաւատալ, թէ 20 տարի անցած է այն օրէն, երբ աշխարհը տեղեակ դարձաւ այն ահաւոր լուրէն, թէ բնական աղէտ մը հարուածած է Հայաստան։ Իր պատմութեան ընթացքին արդէն իսկ այդքան ողբերգութիւններ ապրած ազգ մը, որքա՞ն յաւելեալ տառապանքի կրնայ տոկալ։
7 Դեկտեմբեր [...]
Թուրք պաշտօնատարներ ջղագրգիռ արշաւի մէջ են։ Ուաշինկթընեան աղբիւրներէ տեղեկանալէ ետք, թէ Պարաք Օպամա մտադիր է հայերուն տուած իր խոստումները յարգելու, եւ յառաջիկայ վարչակազմին ու (կամ) Քոնկրէսին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ կեցուածք ճշդումը արգելակելու համար, թրքական կառավարութիւնը անձկալից կերպով կը ջանայ Հայաստանի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել։
Անգարա տարիներէ ի վեր շարունակ մերժեց առանց նախապայմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնելու Երեւանի [...]
Թուրքիա անցնող տարիներուն Հայաստանը շրջափակած է այն սին յոյսով, որ այդ քայլը
Հայաստանի ղեկավարներուն կրնայ ստիպել շարք մը ճակատներու վրայ Անգարային զիջումներ կատարել, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումէն հրաժարիլ, Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ճանաչում եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի իշխանութիւն ընդունիլ։
Փոխարէնը, Թուրքիա կ’առաջարկէր շրջափակումը վերացնել եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել։
Հակառակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ միացեալ շրջափակման [...]
Այժմ, երբ ծերակուտական Պարաք Օպամա նախագահ ընտրուած է, նորընտիր նախագահին եւ անոր անմիջական շրջանակին վրայ թրքական ճնշումներուն դէմ դնելու համար, ամերիկահայերը պէտք է աչալուրջ մնան։
Թրքական կառավարութիւնը արդէն իսկ ձեռնարկած է Թուրքիոյ համար Հայոց Ցեղասպանութեան, Կիպրոսի, իրաքեան պատերազմի եւ քիւրտերու հարցերուն նման տարբեր կենսական հարցերով, յառաջիկայ վարչակազմին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու լայնածաւալ արշաւի մը։
Նախագահական ընտրութենէն [...]
Վերջին ամիսներուն թրքական մամուլին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մեծապէս ցաւակցող բազմաթիւ յօդուածներ լոյս տեսան՝ հակառակ այս արգիլուած նիւթին քննարկումը քրէական յանցանք նկատող Թուրքիոյ ճնշիչ օրէնքներուն։
Այդպիսի յօդուածներէն մէկը լոյս տեսաւ ազատական «Թարաֆ» օրաթերթի 30 Հոկտեմբերի թիւին մէջ։ Անոր հեղինակը կասկածելի գրող մըն էր՝ Իզմիրի մօտ գտնուող Օտեմիշիէնի դատաւոր Ֆարուք Օզսուն։ Այս մէկը թերեւս առաջին անգամն է, [...]
Ամերիկայի հրէական կոմիտէի (ԱՀԿ) ռազմավարական ուսումնասիրութեանց տնօրէն Պարրի Ճէյքըպզ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան իր կազմակերպութենէն հանգստեան կը կոչուի։ ԱՀԿի պաշտօնատար մը հաստատեց «լաւ լուր»ը։ Ճէյքըպզի մեկնումը «լաւ լուր» կոչելուս պատճառն այն է, որ տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քոնկրէսական տարբեր որոշումներու որդեգրումը ականահարելու ԱՀԿի փորձերուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէր։
Քանի մը ամիս առաջ յօդուած մը գրեցի՝ կոչ [...]
Ամէնէն հակահայ ամերիկեան վարչակազմերէն մէկուն նստաշրջանը ի վերջոյ կը հասնի իր աւարտին։ Ամերիկահայերը, ինչպէս նաեւ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնն ու մնացեալ աշխարհը ձանձրացած են Պուշ-Չէյնի խումբէն եւ անոնց նոր-պահպանողական ռազմատենչ օրակարգէն։
Պուշի վարչակազմին կողմէ գործուած մեծ սխալներուն շարքը երկար է. սխալ եզրակացութիւններու վրայ հիմնուելով՝ Իրաք ներխուժում, ազգային պարտքը տասը եռիլիոն տոլարի հասցուցած ամերիկեան տնտեսութեան սխալ կառավարում եւ [...]
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նորափթիթ յարաբերութիւնը, որ մեծ աղմուկով եւ սպասումներով սկսաւ անցեալ ամսուան «ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ», լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ։
Մինչ ոչ ոք Ցեղասպանութենէն եւ Թուրքիոյ կողմէ անոր շարունակուող մերժումէն ծնունդ առնող երկարատեւ հարցերու արագ լուծում մը կը սպասէր, շատ քիչեր նախատեսեցին, որ նորածին մերձեցումը այսքան շուտ պիտի տապալի։
6 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ Հայաստանի եւ [...]
Բոլոր նշանները ցոյց կու տան, թէ հայաստանցի եւ թուրք ղեկավարները վերջին շաբաթներուն համաձայնած են սառեցման ենթարկուած իրենց երկարատեւ յարաբերութիւնները բարելաւել հետեւեալ պայմաններով. Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանները պիտի բանայ, Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ եւ կազմէ շարք մը միջկառավարական յանձնախումբեր, որոնցմէ մէկը պիտի զբաղի Օսմանեան-հայ յարաբերութիւններով՝ ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ [...]
Հայաստան այցելելու կարեւոր հանգրուաններէն մէկը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Էջմիածինի մէջ Կիրակի առաւօտ պատարագի ներկայ գտնուելու առիթը օգտագործելն է։
Հեւքոտ հանդիպումներու շաբաթէ մը եւ հայկական ու թրքական ազգային խումբերուն միջեւ քաղաքական լարուածութեամբ ֆութպոլի մրցումէ մը ետք, անհամբեր էինք ներկայ գտնուելու Կիրակի, 7 Սեպտեմբերին Ս. Էջմիածինի մէջ հանգստացնող եւ հոգեւոր վերացում պարգեւող փորձառութեան մը։
Մայր տաճարը [...]
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Յարութ Սասունեանի այս յօդուածը այսօր կը հրատարակենք Ազգ օրաթերթի աշխատակից Յակոբ Ծուլիկեանի թարգմանութեամբ:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների զարգացումներին անդրադառնում է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեանը:
«Ես ականատես եղայ, թէ ինչպէս են պատմութիւն կերտում, երբ անցեալ շաբաթ Հայաստանի նախագահի հրաւէրին ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահը այցելեց Հայաստան՝ դիտելու երկու երկրների ֆութպոլի հաւաքականների խաղը:
[...]
Կարգ մը միջերկրականեան երկիրներու հայ քաղաքացիներ իւրայատուկ առիթը ունին, առանց փաստաբան մը վարձելու կամ դատարան դիմելու, Թուրքիոյ մէջ իրենց ինչքերը պահանջելու։
Թրքական օրաթերթ մը անցեալ շաբաթ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք իրենց ինչքերը կորսնցուցած քաղաքացիներու հողերու փոխադարձ պահանջներուն վերաբերեալ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եգիպտոսի հետ բանակցութիւններ կը վարէ։
Ըստ «Թուտէյզ Զաման»ի 23 Օգոստոս [...]
Թէեւ այլեւս կը ձանձրանամ քանի մը ամիս անգամ «Լոս Անճելըս Թայմզ»էն նոյն սրբագրութիւնը պահանջելէ, սակայն օրաթերթին լրագրողները կը թուին չյոգնիլ նոյն սխալը կատարելէ։
Ընթերցողները հաւանաբար արդէն իսկ կրնան կռահել, թէ «Թայմզ»ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մէկ այլ անյարմար ակնարկի մը մասին կը խօսիմ։ Այս անգամ յանցագործը լրագրող Ակուսթին Կուրզան է։
Օրաթերթին 9 Օգոստոսի օրացոյցի բաժինին [...]
Վերջերս Ռուսիոյ հզօր զինեալ ուժերուն մեծածաւալ հակադարձութիւնը գրգռած Վրաստանի ղեկավարին ռազմավարական սխալ հաշիւին պատճառով հազարաւոր անմեղ հարաւային օսեր, ինչպէս նաեւ վրացիներ եւ ռուսեր կորսնցուցին իրենց կեանքը։
2004-ին իշխանութեան գլուխ անցնելէ ետք Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշւիլի անջատողական շրջաններ Աճարիան, Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան ի պահանջեալ հարկին բռնի ուժով վրացական իշխանութեան վերադարձնելու իր մտադրութիւնը չծածկեց։ Աւելի՛ն. ան ջանաց [...]
1 Օգոստոսին վերջապէս տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ նոր դեսպանին երկար ատենէ ի վեր սպասուած ծերակոյտի վաւերացումը, Պուշի վարչամեքենային կողմէ մետասաներորդ պահու զիջումներէ ետք։
«Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը չօգտագործելու նախագահական կասկածելի քաղաքականութեան մը ընձեռած պատրուակին ետին պահուըտելով՝ արտաքին գործոց նախարարութեան ոչ ատակ պաշտօնատարներ բոլորովին սխալ ձեւով վարեցին գործընթացը՝ սկսեալ նախկին դեսպան Ճոն Էվընզի Հայաստանի մէջ վարած իր պաշտօնէն [...]
Անցեալ Հոկտեմբերին, երբ ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան որոշումը 27-21 քուէներով վաւերացուց, հայերը բնականաբար հրճուեցան։ Անոնք պարտութեան մատնած էին Պուշի վարչակազմի, թրքական կառավարութեան եւ անոր բարձր վարձատրութիւն ստացող լոպիիստները։
Մինչ ամերիկահայերը պէտք է գովել այս կարեւոր ձեռքբերման համար, անոնք կը թուին նշմարած չըլլալ, թէ Քոնկրէսի 21 անդամներ Անգարայի մէջ մերժողական վարչակարգին կողմնակցած են՝ Հայոց [...]
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին առաջադրուած Մարի Եովանովիչի
թեկնածութեան վաւերացումը, իր մեծաւորներուն կողմէ անոր թեկնածութեան առաջադրման մէջ գործած սխալներուն պատճառով, անհարկի կերպով կ՚ուշացուի։ Հակառակ իրերայաջորդ պահանջներուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրուկ կերպով մերժած է նախկին դեսպան Ճոն Էվընզի վտարման եւ անոր ապագայ փոխարինման առաջնորդող դէպքերը քննելու համար ամերիկահայ մեծագոյն կազմակերպութիւնները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ հանդիպիլ։
Երկու տարիէ [...]
23 Յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայի մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին խօսելէն ետք առատ մելան հոսած է։ Նկատի ունենալով, որ անոր յայտարարութիւնը ոչ ճշգրիտ կամ մասնակի թարգմանութեան պատճառով տարբեր հրատարակութիւններու մէջ աղաւաղուած էր, կ՚ուզեմ ներկայացնել նախագահին մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հայերէն հաղորդագրութեան անգլերէն իմ թարգմանութիւնս. «Երկրորդ հարցը, որուն մասին կ՚ուզեմ խօսիլ, հայ-թրքական յարաբերութիւններն է։ Այս հարցին [...]
Անցեալ շաբաթ երկու կարեւոր ունկնդրութիւններու ընթացքին Քոնկրեսի անդամները սուր կերպով քննադատեցին Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ Պուշի վարչակազմի ամօթալի փախուստ տալը։
Առաջին ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ 18 Յունիսին, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ, եւ «Կովկաս-սառեցուած տագնապներ եւ փակ սահմաններ»ու մասին էր, իսկ երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը, ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ քննարկեց Հայաստանի մէջ [...]
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 19 Յունիսին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանին հաստատման համար նիստ մը պիտի գումարէ։ Թեկնածուն է՝ Մարի Լ. Եովանովիչ, ասպարէզով դիւանագէտ մը, որ մինչեւ վերջերս Խըրխըզիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր։
Անցեալ Մարտին, երբ առաջին անգամ բացայայտեցի, թէ նախագահ Պուշ կը ծրագրէ ծերակոյտին դեսպան Եովանովիչը առաջարկել իբրեւ Հայաստանի համար իր թեկնածուն, առաջարկեցի, [...]
Մինչ նախագահ Պուշ եւ անոր նախորդներէն շատեր խուսափած են 1915ին հայերու կազմակերպուած զանգուածային ջարդը ցեղասպանութիւն կոչելէ, վերջերս Միջազգային արդարադատութեան դատարանի (ՄԱԴ), որ ծանօթ է նաեւ Միջազգային դատարան անունով, ներկայացուած փաստաթուղթի մը մէջ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 57 տարի առաջ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Այս կէս դար առաջուան Հայոց Ցեղասպանութեան ակնարկութիւնը յայտնաբերուեցաւ փրոֆ. Ուիլիըմ Ա. Շապասի կողմէ, [...]
Հիուսթըն համալսարանի մէջ պատմութեան օգնական դասախօս փրոֆ. Տանըլտ Քուաթարթ եւ իր 68 թրքամէտ գործընկերները 1985ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը հարցականի տակ առնող եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսէն մարդկութեան դէմ այս ոճիրը նշող որոշում մը չորդեգրելու կոչ ուղղող միացեալ յայտարարութիւն մը ստորագրեցին։ Թուրք-ամերիկացիներու ընկերակցութեան կողմէ վճարուած մերժողական յայտարարութիւնը կէս էջի ծաւալով լոյս տեսաւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի եւ «Նիւ Եորք [...]
Թրքական կառավարութիւնը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ցանկալի աթոռ մը ապահովելու համար աշխարհի մէջ իրարանցում կը ստեղծէ։ Անգարա դիմած է ամէն տեսակի եւ անյարմար միջոցներու, ինչպէս՝ իր թեկնածութեան համար անոնց քուէները ապահովելու համար երրորդ աշխարհի երկիրներ կաշառելուն։ Այս թրքական խաղերը բացայայտուեցան Ճէյմսթաուն հիմնարկին հրապարակած «Եուրէյժիա Տէյլի Մոնիթըր»ին կողմէ։
ՄԱԿը Հոկտեմբերին պիտի ընտրէ հինգ երկիրներ՝ ստանձնելու համար [...]
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութեանց հիմնարկը 15 Մայիս 2008ին Լոս Անճելըսի մէջ կալա-ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց՝ պատուելու համար Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը իր 50ամեայ յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար։
Հինգ ականաւոր հայեր առանձնացուեցան յատուկ յիշատակութեան համար՝ Մայք Քանըրզ, Փոլ Իկնաթիուս, Ճերի Թարխանեան, Ճորճ Տէօքմեճեան եւ Ռոն Թիութըր։ 60 այլ ականաւոր քալիֆորնիացիներու արտակարգ ձեռքբերումներն ու «Լինսի» հիմնարկի առատաձեռնութիւնը, Հայկական [...]
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը անցեալ շաբաթ Պենետիքթ ԺԶ. պապին հրաւէրով այցելեց Վատիկան։ Ան պապին կողմէ արտակարգ ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ։ 2000էն ի վեր այս մէկը կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան աթոռ Գարեգին Բ.ի երկրորդ այցելութիւնն էր։
Վեհափառին կ՚ընկերակցէին բարձրաստիճան հայ կրօնաւորներ, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր երկիրներէ խումբ մը ականաւոր հայեր։
7 Մայիսին Գարեգին Բ., նստելով պապի կողքին, աշխարհի տարբեր [...]
Որոշ ատենէ մը ի վեր Եւրոպայի մէջ Թուրքիան Եւրոպական միութեան մէջ ընդունելու քայլին իմաստութեան վերաբերեալ մեծ վէճ մը տեղի կ՚ունենայ։
Եւրոպացիներուն մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ անդամակցութեան կ՚ընդդիմանայ կամ նախապաշարումէ մեկնելով եւ կա՛մ անհաշտ օրէնսդրական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային տարբերութիւններու պատճառով։
Թուրք ղեկավարները, փոխանակ իրենց երկիրը Եւրոպական միութեան անդամակցութեան պահանջներուն ենթարկելու, Եւրոպան հակաթրքութեան եւ հակաիսլամութեան համար քննադատելու դիւրին [...]
Նախկին խմբագրապետերու կողմէ շարք մը սխալ դատողութիւններէ ետք՝ ճիշդ այն ատեն երբ «Լոս Անճելըս Թայմզ» Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բարելաւուած զգայնութիւն մը զարգացուցած էր, նոր խմբագրապետ մը գալով դարձեալ կը վիրաւորէ ամերիկահայերը, եւ այդ ալ՝ ապրիլ ամսուան մէջ։
«Թայմզ»ը 2 Ապրիլին իր կայքէջին վրայ (սակայն բարեբախտաբար ոչ տպագրուած թերթին մէջ) զետեղեց «Թայմզ»ի խմբագրական կազմին հետ թուրք-ամերիկեան [...]