Մարդիկ առողջ ապրելու համար պարտաւոր են եղեր «Տայէթ» ընել, «Տայէթ»ի համապատասխան ուտել. անհատի մը համար օրական 2000 «քալորի»ն բաւարար է եղեր:
ԹԻՒ60
«Կօշիկէդ վեր
մի՛ ելլեր» խօսքը ունէր լուռ անարգանքի բաժին մը։ Ոսկոր չունեցող լեզուն այլեւս իրաւունք չունի նման անարգական ձեւով արտայայտուելու:
Վերջապէ՜ս… դարերէ իվեր միայն գետնին վրայ սողալու վարժուած եւ վարկաբեկուած խեղճ կօշիկը յանդգնեցաւ սլանալ ու վեր բարձրանալ, աշխարհի զօրաւորագոյն ղեկավարի դէմքն ի վեր սուրալ, ուզեց իր տիրոջ եւ անոր ժողովուրդին պատիւն ու վրէժը լուծել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ [...]
ԹԻՒ59
Մարդ արարածը, որքան ալ լայնատարած ըլլայ, կարողութիւն չունի միաժամանակ երկու աթոռի վրայ նստելու: Կրնայ միաժամանակ քանի մը աթոռ գրաւել, բայց կրնայ նստիլ միայն մէկ աթոռի վրայ:
Ժամանակ առ ժամանակ աթոռներուն տեսքն ու արժէքը փոփոխելի են. կան խորտ ու բորտ մեծ քարի կտորներ, որոնց վրայ նստիլը կ՛անհանգստացնէ նստողը. կան խեղճ ու անշուք խսիրէ աթոռներ, որոնց վրայ նստողը [...]