Home » September 30th, 2006Entries posted on “September, 2006”

Ֆրանսայի Նախագահ Ժաք Շիրաք Հայաստան Ժամանեց

Ֆրանսայի Նախագահ Ժաք Շիրաք Հայաստան Ժամանեց

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Լրագիր», «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 29ին, երեկոյեան ժամը 7:40ին պետական այցով Հայաստան ժամանեց Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ նախագահ Շիրաքը դիմաւորեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
Օդակայանին մէջ տեղի ունենցաւ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը: Զինուորական նուագախումբը նուագեց երկու երկիրներու քայլերգները, ապա Ֆրանսայի նախագահը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայաստանի եռագոյնին, որմէ յետոյ նախագահները [...]

September 30th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Երիտասարդութեան Հարցը

Երիտասարդութեան Հարցը

Երիտասարդութեան հարցը նոր չէ, ան կը կրկնուի իւրաքանչիւր սերունդի հետ: Այդպէս է բոլոր ընկերութիւններու մէջ, մասնաւորաբար՝ ժամանակակից: Սովորական է, դասական ըլլալու չափ սովորական, որ նորերը հրապարակ գան բարեփոխման կամ յեղափոխութեան հեռանկարներով, մին կ՚ըսէ, թէ «թապուլա ռազա» պէտք է ընել եւ նորը սկսիլ, ուրիշ մը կը խորհի, որ երէցները մգլոտած են, թռիչք չունին, ժամանակավրէպ են, կամ [...]

September 30th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՄԱԿի Մէջ Ղարաբաղեան Հարցի Քննարկման Պարագային Ստեփանակերտի Մասնակցութիւնը Պարտադիր Է

ՄԱԿի Մէջ Ղարաբաղեան Հարցի Քննարկման Պարագային Ստեփանակերտի Մասնակցութիւնը Պարտադիր Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Սառեցուած հակամարտութիւններու վերաբերեալ ՎՈՒԱՄ նախաձեռնութեան հարցով Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է:
Այս մասին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան եւ նշեց, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ընդունած բանաձեւը կը կրէ զուտ խորհրդատուական եւ յանձնարարական բնոյթ եւ պարտադիր չէ կատարման համար:
Նախարար Օսկանեան նշեց նաեւ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի [...]

September 30th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գուժէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի հաւատաւոր եղբայրներէն՝
ԵՂԲ. ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2006ին։

September 30th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ռուս-Վրացական Հակամարտութիւնը Կը Մտահոգէ Հայաստանը

Ռուս-Վրացական Հակամարտութիւնը Կը Մտահոգէ Հայաստանը

ԵՐԵՒԱՆ, ԹԻՖԼԻՍ, «Երկիր», «Ռոյթըրզ».- «Վրաստանի իրադարձութիւնները շատ են մտահոգում Հայաստանին, քանի որ ռուս-վրացական յարաբերութիւնների սրումն այսպէս թէ այնպէս կ’անդրադառնայ Հայաստանի վրայ», Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29ին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան:
Յայտնենք, թէ ձերբակալուած չորս ռուս սպաներուն կողքին լրտեսութեան մեղադրանքով ձերբակալուած են նաեւ քանի մը հայերը, որոնք Վրաստանի քաղաքացիներ են: «Հայաստանը չի կարող միջամտել հարեւան [...]

September 30th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 91ամեակի Տօնակատարութիւն

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ Մուսա Լերան Հերոսամարտի 91ամեակի Տօնակատարութիւն

Սան Ֆրասիսքոյի ու շրջապատի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան համար երկար տարիներու աւանդութիւն դարձած է տօնել այս փառապանծ դիւցազնամարտը: Ուրբաթ եւ Շաբաթ գիշերները մուսա լեռցի երիտասարդ սերունդները սկսեր էին արդէն աւանդական մատաղի պատրաստութեան:
Հարիւրաւոր հայորդիներ փութացած էին եկեղեցի, հետեւելու եկեղեցական արարողութիւններուն ու մասնակցելու հերոսամարտի տօնակատարութեանց:
Արդարեւ, Սեպտեմբեր 10ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատարագի ընթացքին, Աւետիս քհնյ. [...]

September 30th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը Կը Կասեցուի Պոլսոյ Մէջ

Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը Կը Կասեցուի Պոլսոյ Մէջ

ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողի մը մասին շուէտաբնակ Սուզան Խարտալեանի ու Փիա Հոլմքուիսթի պատրաստած «I Hate Dogs» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին տրուած որոշումով մը արգիլուեցաւ Պոլսոյ մէջ:
Ժապաւէնը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1ին պիտի ցուցադրուէր «1001 միջազգային վաւերագրական ժապաւէն» փառատօնին, սակայն Հինգշաբթի օր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած էր արգիլել անոր ցուցադրութիւնը:
Բեմադրիչներն ու Շուէտի շարժապատկերի հիմնարկը [...]

September 30th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստան Պիտի Մասնակցի Լիբանանի Ականազերծման Աշխատանքներուն

Հայաստան Պիտի Մասնակցի Լիբանանի Ականազերծման Աշխատանքներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան պիտի մասնակցի Լիբանանի ականազերծման աշխատանքներուն: Այս մասին նշեց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Սեպտեմբեր 29ին հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին եւ նշեց, որ այս համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր Յուլիսին՝ Իսրայէլ-լիբանանեան ռազմական գործողութիւնները սկսելէն օրեր առաջ՝ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ սփիւռքի նախարար Ֆաուզի Սալլուխի Հայաստան կատարած այցի ընթացքին:
Վ. Օսկանեանի խօսքերով՝ այդ գործին մէջ Հայաստան [...]

September 30th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 29ին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցին քննարկման ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանի օրակարգին վրայ պահեցին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, փորձելով նոյնիսկ զայն անդամակցութեան նախապայման դարձնել:
Հակառակ այն իրողութեան, որ ճանաչման հարցը նախապայման մը չեղաւ, քուէներու չնչին տարբերութեանբ, սակայն Թուրքիոյ մասին տեղեկագիրը պատրաստած հոլանտացի [...]

September 30th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱՑՈՂ ԹՈՒՐՔ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՑԱՆԿԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ՝ Թուրքիա Կը Քննադատէ Հոլանտական Կուսակցութիւններու Որոշումը

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱՑՈՂ ԹՈՒՐՔ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՑԱՆԿԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ՝ Թուրքիա Կը Քննադատէ Հոլանտական Կուսակցութիւններու Որոշումը

ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նամըք Թան Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին, ցաւ յայտնեց Հոլանտայի ընտրութիւններու համար թեկնածու ներկայացած երեք թուրք քաղաքագէտներու դէմ բացուած արշաւի կապակցութեամբ։
Ինչպէս հաղորդուած էր, հոլանտական գլխաւոր երկու կուսակցութիւններու թեկնածու երեք թուրք քաղաքագէտներ կուսակցութիւններու թեկնածուներու ցանկէն դուրս հանուած էին, որովհետեւ անոնք կը մերժեն Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատել:
Կուսակցութիւններու այս որոշումին անդրադառնալով, [...]

September 30th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Շաբաթ Օրով Ոճիր Գործելը Արտօնուա՞ծ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Շաբաթ Օրով Ոճիր Գործելը Արտօնուա՞ծ

Ֆիզիքական թէ մտային ծանր աշխատանքէ ետք իսկապէս օրհնութիւն է հանգիստը։ Կա՞յ այս կեանքին մէջ ապրող մարդ մը, որ հանգիստի կարիք չզգար, կամ գէթ անոր կարեւորութեան չ՚անդրադառնար։ Յաճախ գիշերուան քունը անբաւարար է, անգամ, եւ անոր յատկացուած ժամը կարճ կը թուի, երբ մարմինը իր կարողութենէն աւելի յոգնութիւն կրած է օրուան ընթացքին։
Մարդը հանգիստի մղելու եւ անոր անհրաժեշտութիւնը [...]

September 30th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Իրան Եւ Վրաստան Հայաստանի Տարածքով Ելեքտրականութիւն Պիտի Փոխանակեն

Իրան Եւ Վրաստան Հայաստանի Տարածքով Ելեքտրականութիւն Պիտի Փոխանակեն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի, Իրանի եւ Վրաստանի ուժանիւթի նախարարները Սեպտեմբեր 29ին Երեւանի մէջ ստորագրեցին եռակողմ փոխըմբռնման յուշագիր:
Ըստ նշեալ յուշագիրին՝ մինչեւ տարեվերջ Իրանէն Հայաստանի տարածքով ուժանիւթ պիտի մատակարարուի Վրաստանին, իսկ 2007ի գարնան եւ ամրան ամիսներուն Վրաստանէն Հայաստանի տարածքով ուժանիւթ պիտի մատակարարուի Իրանին:

September 30th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԹՈՒՐՔ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐ ՊԻՐԱՆՏ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ՝ Ինչո՞ւ Չենք Սիրեր Մեր Փոքրամասնութիւնները

ԹՈՒՐՔ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐ ՊԻՐԱՆՏ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ՝ Ինչո՞ւ Չենք Սիրեր Մեր Փոքրամասնութիւնները

Թուրք յայտնի յօդուածագիր Մէհմէտ Ալի Պիրանտ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին թրքական զանազան թերթերու մէջ հրատարակուած իր յօդուածով հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ այս երկրին մէջ «մենք փոքրամասնութիւնները չենք սիրեր»։ Պիրանտ շատ տրամաբանական եւ անաչառ մերձեցումով կը պախարակէ այս երկրին մէջ փոքրամասնութեանց նկատմամբ հինէն ի վեր ցուցաբերուած թշնամութիւնը եւ կ՚ընդգծէ, թէ ոչ իսլամ հայրենակիցներու ի նպաստ որեւէ [...]

September 30th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Աշխարհի Ճատրակի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Պիտի Մասնակցի 154 Ճատրակիստ

Աշխարհի Ճատրակի Երիտասարդական Ախոյեանութեան Պիտի Մասնակցի 154 Ճատրակիստ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 2-17ին Երեւանի մէջ նախատեսուած մինչեւ 20 տարեկաններու ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան պիտի մասնակցին 88 ճատրակիստներ եւ 66 ճատրակիստուհիներ:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 29ին Հայաստանի մինչեւ 12 տարեկան 40 լաւագոյն պատանի ճատրակիստները Երեւանի «Քասքատ» համալիրի պուրակին մէջ սկսան մրցապայքարը 2006ի ՄԱԿի երեւանեան գրասենեակի բաժակին համար:
Նոյն օրը սկսան նաեւ Հայաստանի 15 լրագրողներու եւ Հայաստանի մէջ [...]

September 30th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱՀԴՅը Կ’ողջունէ Հայկական Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգներուն Ինչքերու Վերադարձին Առնչուող Օրէնքը

ԱՀԴՅը Կ’ողջունէ Հայկական Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգներուն Ինչքերու Վերադարձին Առնչուող Օրէնքը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն դրամատնային հաշիւներուն եւ այլ ինչքերու վերադարձին առնչուող օրէնքին ստորագրութիւնը Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ, որ տեղի ունեցաւ այս շաբաթ:
Օրէնքը, որու հեղինակներն են Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամներ Ճէքի Քաչէլեան Սփիր եւ Չաք Փուչիկեան, առիթ կ’ընծայէ զոհերու ժառանգներուն, որ Քալիֆորնիոյ [...]

September 30th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

1018 Միլիոն Դրամի Յատկացում Բնական Աղէտներէն Վնասներ Կրած Մարզերուն

1018 Միլիոն Դրամի Յատկացում Բնական Աղէտներէն Վնասներ Կրած Մարզերուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը 1 միլիառ 18 միլիոն դրամ յատկացուց այս տարուան բնական աղէտներէն վնասներ կրած մարզերուն աջակցելու համար:
Վերոնշեալ գումարի շրջանակներով հացահատիկային սերմացուներու աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի Արագածոտնի, Լոռիի, Գեղաքունիքի, Կոտայքի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի եւ Տաւուշի մարզերու տնտեսութիւններուն:
Սերմացուներու ստացման, փոխադրման եւ բաշխման գործընթացներու վերհսկողութիւնը յանձնարարուած է մարզպետարաններուն եւ երաշտի հետեւանքներու մեղմացման եւ վնասներու վերացման գործողութիւնները [...]

September 30th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ Օր Մը Վահէ Օշականին Հետ

ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ Օր Մը Վահէ Օշականին Հետ

Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբերին սկսած Օշականեան ձեռնարկներու շարքը շարունակուեցաւ Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2006ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահէն ներս:
Երկու օր ամբողջ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանը կը շնչէր Օշականեան ոգիով. հոն էին մշակութասէր հասարակութիւնը, Վահէ Օշականին մտերիմները եւ ընտանեկան պարագաները: Միօրեայ համագումարը, ինչպէս եւ նախորդ օր տեղի ունեցած «Ճամբորդը» գիրքի ներկայացումը կազմակերպած էր Օշական ընտանեկան հիմնարկը, «Համազգային»ի Արեւմտեան [...]

September 30th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Գուգարքի Մաքսատունը Օժտուեցաւ Ուսումնական Կեդրոնով

Գուգարքի Մաքսատունը Օժտուեցաւ Ուսումնական Կեդրոնով

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան օժանդակութեամբ, Սեպտեմբեր 29ին մաքսային պետական կոմիտէի Գուգարքի տարածաշրջանային մաքսատան մէջ բացումը կատարուեցաւ համակարգչային սարքաւորումներով յագեցած ուսումնական կեդրոնին:
Բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի պաշտօնակատար Էնթընի Կոտֆրէյ յայտնեց, որ նոր ուսումնական կեդրոնը Հայաստանի կառավարութեան հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կազմակերպելու մաքսային ծառայողներու վերապատրաստումը:

September 30th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Լինսի» Հիմնարկի Իշխանական Նուէրը «Սահակ-Մեսրոպ» Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին

«Լինսի» Հիմնարկի Իշխանական Նուէրը «Սահակ-Մեսրոպ» Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին

«Դպրոցի բացման եւ վերամուտի ուրախ առիթներով, հրապարակաւ եւ երախտապարտ հոգիով շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Լինսի» հիմնարկին, որ անգամ մը եւս 100,000 տոլար նուիրեց դպրոցին», կը հաղորդէ «Սահակ-Մեսրոպ» հայ քրիստոնեայ վարժարանը, որ հաղորդագրութեան մէջ դպրոցիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան, աշակերտներուն եւ ծնողներուն երախտագիտական զգացումները կը փոխանցէ «Լինսի» հիմնարկին։
Վարժարանը հիմնուած է 1980ին։ 2004-2005 տարեշրջանին դպրոցը սկսաւ իր երկրորդական [...]

September 30th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

«Հազարամեակի Մարտահրաւէր»ի Հայաստանեան Ծրագիրը Պաշտօնապէս Վաւերացուեցաւ

«Հազարամեակի Մարտահրաւէր»ի Հայաստանեան Ծրագիրը Պաշտօնապէս Վաւերացուեցաւ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 29ին տեղի ունեցաւ ելեւմուտի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեանի եւ Միացեալ Նահանգներու «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրի Հայաստանի ներկայացուցիչ Ալեքս Ռասինի միջեւ պաշտօնական նամակներու փոխանակումը՝ Մարտ 27ին ստորագրուած համաձայնագիրը պաշտօնապէս վաւերացնելու վերաբերեալ:
Յիշեալ համաձայնագիրով Հայաստանի կառավարութեան կը յատկացուի 235 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ, որը պիտի գործածուի չքաւորութեան նուազեցման համար՝ տնտեսական աճի եւ գիւղական համայնքներու [...]

September 30th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Դէպի Կիլիկիա, Արեւմտեան Հայաստան Եւ Պոլիս Բ. Ատանա, Տարսոն, Մերսին Եւ Կոռիկոս Բերդ

Դէպի Կիլիկիա, Արեւմտեան Հայաստան Եւ Պոլիս Բ. Ատանա, Տարսոն, Մերսին Եւ Կոռիկոս Բերդ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի «Մաշտոց» քոլէճի տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի եւ առաջնորդութեամբ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս փրոֆ. Աւետիս Չափարեանի, Կիլիկիոյ, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Պոլսոյ մեր շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ 2էն մինչեւ 17 Յուլիս 2005: Ուխտաւորներու խումբը կը բաղկանար 22 անձերէ, 17ը՝ Միացեալ Նահանգներէն, ներառեալ մէկ հոգի Հաուայէն, եւ 5 հոգի Լիբանանէն։
Լոս Անճելըսէն ամերիկեան [...]

September 30th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Ֆրանսայի Նախագահ Շիրաք Այսօր Կը Ժամանէ Հայաստան

Ֆրանսայի Նախագահ Շիրաք Այսօր Կը Ժամանէ Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրաւէրով Սեպտեմբեր 29էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1 պետական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաք, իր կնոջ հետ:
Ֆրանսայի նախագահի գլխաւորած պաշտօնական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Տուսթ-Պլազի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան եւ ծովագնացութեան նախարար Տոմինիք Փերպէն, պետական ծառայութեան նախարար Քրիստիան Ժաքոպ, մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան [...]

September 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Նախագահ Քոչարեան Ընդունեց ԵԽԽՎ Դիտարկման Յանձնաժողովի Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Քոչարեան Ընդունեց ԵԽԽՎ Դիտարկման Յանձնաժողովի Պատուիրակութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Քոչարեան Սեպտեմբեր 28ին ընդունեց ԵԽԽՎ դիտարկման յանձնաժողովի զեկուցող Միքօ Էլոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան Հայաստանի՝ ԵԽի առջեւ ստանձնած պարտաւորութիւններէն բխող բարեփոխումներու ընթացքին առնչուող հարցեր:
Նախագահ Քոչարեան յայտնեց, որ Հայաստան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ բարեփոխումներուն, քանի որ անոնք համակողմանի զարգացման կարեւորագոյն երաշխիքն են:
ԵԽԽՎ դիտարկման յանձնաժողովի զեկուցողը նշեց, [...]

September 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Երկու Նոր Գիրքեր Ընթերցողի Սեղանին

Երկու Նոր Գիրքեր Ընթերցողի Սեղանին

Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ին, Արլինկթընի (Մէսէչուսէց) իր կեդրոնին մէջ, Հայկական մշակութային հիմնարկը պիտի ներկայացնէ երկու նոր գիրքեր՝ Միքայէլ Վարանդեանի «Սեբաստացի Մուրատ» եւ Heinrich Vierbucher-ի «Հայաստան 1915»։ Գիրքերը պիտի ներկայացնեն արդի հայոց պատմութեան եւ Սփիւռքի մասնագէտ դոկտ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ եւ պատմագէտ, գրող եւ մանկավարժ դոկտ. Սուզան Մորանեան։ Այս երկու գիրքերն ալ վերոնշեալ զոյգ գործերու առաջին անգլերէն թարգմանութիւններն [...]

September 29th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՄԻՆՉ 40 ԴԻԱԿՆԵՐ ԵՒՍ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԻՆ 21 Ուրիշներ Կը Սպաննուին Իրաքի Տարածքին

ՄԻՆՉ 40 ԴԻԱԿՆԵՐ ԵՒՍ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒԻՆ 21 Ուրիշներ Կը Սպաննուին Իրաքի Տարածքին

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի Իրաքի տարածքին, հակառակ Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց այն պնդումներուն, թէ կացութիւնը հետզհետէ կը բարելաւուի:
Արդարեւ, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին հաղորդուեցաւ, թէ Իրաքի տարածքին չարչարանքներու ենթարկուելէ ետք սպաննուած 40 իրաքցիներու դիակները յայտնաբերուած են, մինչ նոյն օրը տեղի ունեցած պայթումներու եւ զինեալ յարձակումներու հետեւանքով սպաննուեցան 21 ուրիշներ:
Մէկ օր առաջ, ամերիկեան օդուժը ռմբակոծեց բնակարան [...]

September 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄԷՍԷՉՈՒՍԷՑԻ ՄԷՉ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Ընդհանուր Դատախազին Օգնականը Թուրքերու Բացած Դատը Անհիմն Կը Նկատէ

ՄԷՍԷՉՈՒՍԷՑԻ ՄԷՉ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Ընդհանուր Դատախազին Օգնականը Թուրքերու Բացած Դատը Անհիմն Կը Նկատէ

Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Մէսէչուսէցի պետական դպրոցներուն մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան հարցով Ամերիկաթրքական միութիւններու համախմբումին կողմէ բացուած դատին ընթացքին ելոյթ ունեցած նահանգին ընդհանուր դատախազին օգնական Ուիլեըմ Փորթըր կտրուկ կերով շեշտած է, թէ թուրքերուն բացած դատը անհիմն է եւ դատական հետապնդումը պէտք է անմիջապէս կասեցնել:
Հայ [...]

September 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Ընդունեց «Հայաստան» Հիմնադրամի Քանատայի Թորոնթօ Քաղաքի Ներկայացուցիչը

ԼՂՀ Նախագահը Ընդունեց «Հայաստան» Հիմնադրամի Քանատայի Թորոնթօ Քաղաքի Ներկայացուցիչը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Սեպտեմբեր 28ին ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Քանատայի Թորոնթօ քաղաքի բաժանմունքի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտչեանը:
Հիւրը ԼՂՀ նախագահին տեղեկացուց նախօրէին քանատահայ խումբ մը բարերարներու մասնակցութեամբ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս գիւղին մէջ Թորոնթոյի հայկական համայնքի միջոցներով կառուցուած դպրոցի նոր շէնքի նախնական բացումին, ինչպէս նաեւ համայնքի հետագայ ծրագիրներու մասին:
Զրուցակիցները արծարծեցին նաեւ Արցախի [...]

September 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Լիցքաթափումի (Relaxation) Պարգեւները

Լիցքաթափումի (Relaxation) Պարգեւները

Ահաւասիկ, ի՞նչ կ’ընէ ամուսինս, երբ աշխատանքի չէ: Կը կարդայ, բազմոցին վրայ կը պառկի եւ երկար կը դիտէ կրակը, նամակ մը կը գրէ՝ ձեռագիր, ընկերոջ մը կը հանդիպի եւ գարեջուր կը խմէ, կը նստի տան սեմին ու կը դիտէ ծառերը կամ շնիկներ պտըտցնող երեխաները եւ կամ երեխաները պտըտցնող ծնողները: Երբեմն ան կիթառ կը նուագէ ու երբեմն [...]

September 29th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

ՀՕՄը Կը Մասնակցի ՄԱԿի Ոչ Կառավարական Կազմակերպութեանց Համաժողովին

ՀՕՄը Կը Մասնակցի ՄԱԿի Ոչ Կառավարական Կազմակերպութեանց Համաժողովին

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, ՀՕՄը կը տեղեկացնէ, թէ իր ներկայացուցիչները մասնակցած են Նիւ Եորքի մէջ կայացած ՄԱԿի ոչ կառավարական կազմակերպութեանց (NGO) 59րդ համաժողովին, որուն ներկայ էին 540 կազմակերպութիւններէ մօտաւորապէս երկու հազար ներկայացուցիչներ:
ՀՕՄի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վալենթին Պէրպէրեան, Հէրիյէթ Ղազարեան, Քարոլ Ճաֆարեան, Լալէ Մանճիկեան, Օդէ Քրասքեան եւ Սօսի Իսաճանեան:
Պատուիրակութիւնը փոքր խմբակներու [...]

September 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԻՆԳ ՌՈՒՍԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ՝ Ռուսիա Տուն Կը Կանչէ Վրաստանի Իր Դեսպանը

ՀԻՆԳ ՌՈՒՍԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ՝ Ռուսիա Տուն Կը Կանչէ Վրաստանի Իր Դեսպանը

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին, Ռուսիոյ իշխանութիւնները խորհրդակցութեանց համար տուն կանչեցին Վրաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպանը ու որոշեցին դեսպանատան անձնակազմին մէկ մասը եւս հեռացնել Վրաստանէն, Թիֆլիսի հետ ծագած նորագոյն տագնապին լոյսին տակ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեցին, թէ այս որոշումը տրուած է, որովհետեւ Վրաստան գտնուող ռուս պաշտօնատարներուն ապահովութիւնը վտանգուած է:
Յայտնենք, թէ մէկ օր առաջ Վրաստանի [...]

September 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Դեսպանի Մը Նշանակումը Ո՛չ Հայաստանի, Ոչ Ալ Միացեալ Նահանգներու Շահերուն Կը Համապատասխանէ

Հայկական Ցեղասպանութիւնը Ուրացող Դեսպանի Մը Նշանակումը Ո՛չ Հայաստանի, Ոչ Ալ Միացեալ Նահանգներու Շահերուն Կը Համապատասխանէ

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էւընզի պաշտօնազրկումին եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող դեսպան մը նշանակելու Պուշի վարչակազմին ջանքերուն, այս առնչութեամբ Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարած աշխատանքին, դեսպանութեան թեկնածու Ռիչըրտ Հոկլընտի հաստատումին վրայ դրուած ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզի արգելքըին, Ուաշինկթընի քուլիսներուն մէջ տարուող պարանաձգութեան, այս հարցին օրինական շրջագիծին, քաղաքական տարողութեան, հաւանական ելքերուն ու [...]

September 29th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութեան Հաւանութեան Արժանացաւ 2007ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութեան Հաւանութեան Արժանացաւ 2007ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան Սեպտեմբեր 28ի նիստին հաւանութեան արժանացաւ 2007ի պետական ամավարկի նախագիծը:
Յաջորդ տարի ծրագրուած է 2922 միլիառ դրամի համախառն ներքին արդիւնք (ՀՆԱ), տնտեսական աճը՝ 9 տոկոս:
Այս մասին յայտնեց ելեւմուտի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Պաւէլ Սաֆարեան եւ նշեց, որ 2007ին սղաճը կը նախատեսուի պահպանել չորս տոկոսի սահմաններուն, իսկ տոլար-դրամ փոխարժէքը ներկայացուած է 357 դրամով:
Պետական [...]

September 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հետեւեալ Բաղադրեալները Ինչո՞ւ Կարեւոր Են

Հետեւեալ Բաղադրեալները Ինչո՞ւ Կարեւոր Են

Պիստակի կարագ (peanut butter): Այն մէկը, որ հարուստ է փրոթինով, մանկանէզով եւ նէասինով, կրնայ նուազեցնել սրտի անհանգստութիւնները: Նաեւ հաւասարակշռուած ձեւով ուտելը կրնայ կշիռքը պակսեցնելուն նպաստել:
Անիւղ կաթը: Ամբողջութեամբ քալսիոմ եւ փրոթին կը պարունակէ եւ վստահաբար զուրկ է իւղէ:
Հապալաս (blueberries): Չափազանց հարուստ ըլլալով antioxidant-ներով, ան կը դանդաղեցնէ ուղեղի աշխատանքին անկումը եւ յիշողութեան կը նպաստէ:
Նուազ [...]

September 29th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի 26րդ Միջ-Մասնաճիւղային Մարզախաղերը Յիշատակելի Արդիւնքներ Արձանագրեցին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի 26րդ Միջ-Մասնաճիւղային Մարզախաղերը Յիշատակելի Արդիւնքներ Արձանագրեցին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեանքէն ներս, Սեպտեմբերի առաջին շաբաթավերջը, որ կը զուգադիպի միջազգային բանուորական օրուան, միշտ վերապահուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին, որ ամէն տարի կը կազմակերպէ բարձր դասակարգի պասքէթպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցումներ:
Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղը Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մասնաճիւղն է, որ հիմնուած է 1970ին: Անցնող 36 տարիներու ընթացքին, մասնաճիւղը տիրական ներկայութիւն եղած է եւ կը շարունակէ [...]

September 29th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ Փոքրամասնութիւնները Իրաւունք Ունին Անհանգստանալու

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ Փոքրամասնութիւնները Իրաւունք Ունին Անհանգստանալու

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Մէհմէտ Ալի Շահին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նիստի ընթացքին մեկնաբանեց այն յայտարարագիրը, որ այս շաբթուան ընթացքին հրատարակուած էր հայ եւ յոյն հարիւր բողոքարկուներու կողմէ։
Բողոքարկուները անհանգստութիւն յայտնած էին վագըֆներու օրինագիծը բարեփոխելու հարցին քննարկման ընթացքին խորհրդարանին մէջ արտասանուած խտրական խօսքերու դէմ եւ գրած էին, որ «մենք այս երկրին մէջ [...]

September 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ոչ Դրամատնային Հաստատութիւն Մը Պարտատոմսեր Կը Թողարկէ

Ոչ Դրամատնային Հաստատութիւն Մը Պարտատոմսեր Կը Թողարկէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Քասքատ-Քրէտիթ» վարկային կազմակերպութիւնը թողարկած է ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան (ՄԶԳ) կողմէ երաշխաւորուած 50 հազար անուանական արժէքով 150 հազար դրամի զեղչային պարտատոմսեր: Մէկ տարի ժամկէտով ապահովագրուած պարտատոմսերու եկամտաբերութիւնը 7.5% է: Այս մասին Սեպտեմբեր 28ի ասուլիսին յայտնեց կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Գարեգին Գէորգեան եւ նշեց, որ. «Առաջին անգամ ոչ դրամարնային կազմակերպութեան կողմից պարտքային արժէթղթերի հրապարակային [...]

September 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Պապին Թուրքիա Այցելութիւնը Կրնայ Իսլամական Աշխարհին Հետ Կապերը Բարելաւելու Առիթ Ըլլալ

Պապին Թուրքիա Այցելութիւնը Կրնայ Իսլամական Աշխարհին Հետ Կապերը Բարելաւելու Առիթ Ըլլալ

ԱՆԳԱՐԱ.- «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Նոյեմբերին ծրագրուած Պենետիքթ ԺԶ. պապին Թուրքիա այցելութիւնը կրնայ առիթ մը ըլլալ իսլամական աշխարհին հետ Վատիկանի կապերը բնականոնացնելու, իսլամութեան հասցէին պապին կատարած վերջին յայտարարութիւններուն ստեղծած բողոքի մեծ ալիքէն ետք:
Կարգ մը թուրք վերլուծողներու կարծիքով, պապը նոյնիսկ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցով իր դիրքը պէտք է փոխէ, որպէսզի մշակոյթներու միջեւ հաւանական [...]

September 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔԸ Ինչպէս Բուժել Ամերիկայի Արտերկրային Շահերուն Հանդէպ Երկկուսակցական Ներկայ Կուրութիւնը

ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔԸ Ինչպէս Բուժել Ամերիկայի Արտերկրային Շահերուն Հանդէպ Երկկուսակցական Ներկայ Կուրութիւնը

Կարելի՞ է արդեօք նորոգել Ամերիկայի արտաքին քաղաքականութիւնը։ Ի տես համաշխարհային մեր վարկին անկման պատճառած անդոհանքին, Իրաքի մէջ մեր մղած մահացու պատերազմին, ժողովրդավարացման մեր ջանքերուն (որոնք ցարդ մեզի անհաճոյ արդիւնքներ են տուած) կամ ահաբեկչութեան առաջքը առնելու մեր յաճախ ինքնակործան նկրտումներուն՝ ամերիկացիներու մեծամասնութիւնը այժմ պատրաստ է ընդունելու, թէ Միացեալ Նահանգները արտերկրի մէջ լուրջ խնդիրներու առջեւ կը գտնուի։
[...]

September 29th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

«Մերտինեան» Հայ Աւետարանական Վարժարանի Վերամուտը

«Մերտինեան» Հայ Աւետարանական Վարժարանի Վերամուտը

25 տարիները առաջ, հայ դպրոցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հաւատացող խումբ մը նուիրեալներ արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այս հեռաւոր ափերուն վրայ հիմը դրին առաջին հայ աւետարանական ամէնօրեայ վարժարանին եւ զայն բարերարուհի Էլիզ Մերտինեանի անունով կոչեցին:
Սեպտեմբեր 7, 2006ին, 25րդ անգամ ըլլալով, «Մերտինեան» վարժարանը կը բանար իր դուռները, խանդավառ աշակերտներու, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ հոգաբարձութեան կազմի անդամներու ներկայութեան:
Զանգին [...]

September 29th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«Կլոր Սեղան» Բարեգործական Միջեկեղեցական Հիմնադրամի Տարեկան Ժողով

«Կլոր Սեղան» Բարեգործական Միջեկեղեցական Հիմնադրամի Տարեկան Ժողով

ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Սեպտեմբեր 25-27ին տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան «Կլոր սեղան» բարեգործական միջեկեղեցական հիմնադրամի տարեկան ժողովը՝ հիմնադրամի միջազգային եւ հայաստանեան գործընկեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ժողովը նախագահեց հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:
Ժողովի առաջին օրը «Կլոր սեղանի» գործադիր տնօրէն, դոկտ. Կարէն Նազարեան [...]

September 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Տեղեկատուութեան Ազատութիւն-2006» Ամէնամեայ 4րդ Մրցանակաբաշխութիւնը

«Տեղեկատուութեան Ազատութիւն-2006» Ամէնամեայ 4րդ Մրցանակաբաշխութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 28ին տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուութեան ազատութիւն-2006» ամէնամեայ չորրորդ մրցանակաբաշխութիւնը՝ նուիրուած տեղեկատուութեան ազատութեան միջազգային օրուան:
Մրցանակներ սահմանուած էին «Ամենահրապարակային գործող պետական գերատեսչութիւն», «Տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը լաւագոյնս կիրառած հասարակական կազմակերպութիւն», «Տեղեկութիւն ստանալու իրաւունքը լաւագոյնս կիրառած քաղաքացի», «Տեղեկատուութեան ազատութեանն առնչուող մամուլի լաւագոյն հրապարակման հեղինակ», «Տեղեկատուութեան ազատութեան տեսանկիւնէն լաւագոյն պաշտօնական համացանցային էջ» անուանակարգերով:
2006ին «Ամենաբաց [...]

September 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Եւրոպական Յանձնաժողովը Յետաձգեց Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հարցի Քննարկումը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Յետաձգեց Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հարցի Քննարկումը

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Էյ.Փի.».- Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց, թէ երկու շաբաթով յետաձգած է Եւրոպական միութեան անդամակցութեան ծիրին մէջ Թուրքիոյ արձանագրած յառաջընթացին մասին տեղեկագիրին քննարկումը։
Փորձելով յստակացնել, թէ քննարկումը ոչ քաղաքական պատճառներով յետաձգուած է մինչեւ Նոյեմբեր 7, յանձնաժողովի բանբեր Քրիսթինա Նակի ըսաւ. «Պարզապէս յանձնաժողովին օրակարգը փոխուած է։ Կատարուածը միայն (հարցի քննարկումը) յաջորդ նիստին յետաձգել է»։
Թուրքիա անդամակցութեան բանակցութիւններուն սկսաւ [...]

September 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Տինք Եւ Երկու Ուրիշներ Դարձեալ Թրքութիւնը Նախատելու Յանցանքով Կ’ամբաստանուին

Տինք Եւ Երկու Ուրիշներ Դարձեալ Թրքութիւնը Նախատելու Յանցանքով Կ’ամբաստանուին

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական մամուլը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին հաղորդեց, թէ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի ու թերթի երկու աշխատակիցներ՝ Առատ Տինքի ու Սարգիս Սերովբեանի դէմ Շիշլիի դատարանին կողմէ նոր ամբաստանագիր մը պատրաստուած է «Թրքութիւնը նուաստացնելու ու նախատելու յանցանքով»։
Պատժական օրէնքի նշանաւոր 301րդ յօդուածին համաձայն, ամբաստանեալներուն դէմ վեց ամիսէն մինչեւ երեք տարի բանտարկութեան պատիժ կը պահանջուի։
Այս նոր [...]

September 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Կանանց Դերակատարութեան Բարձրացման Պահանջը Արհեստական Չէ

Կանանց Դերակատարութեան Բարձրացման Պահանջը Արհեստական Չէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան Ազգային ժողովրդավարութեան հիմնարկին կողմէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Կին առաջնորդ» համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ «կիներու դերին բարձրացումը հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ այսօր անհրաժեշտ է եւ պէտք է ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ կիներ ընդգրկուին այն պաշտօններուն մէջ, ուր կը վճռուի մեր երկրին ապագան»։
Համաժողովին կը մասնակցէին [...]

September 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Վատիկանի Տեղեկագիրը Կը Պնդէ, Թէ Թուրքիա Աշխարհիկ Երկիր Մը Չէ

Վատիկանի Տեղեկագիրը Կը Պնդէ, Թէ Թուրքիա Աշխարհիկ Երկիր Մը Չէ

ՀՌՈՄ.- Իտալական «Ռեփուպլիքա» թերթի կողմէ հրատարակուեցաւ Թուրքիոյ կրօնական կացութեան մասին տեղեկագիր մը, որ դիտել կու տայ, թէ Թուրքիոյ մէջ իսկական իմաստով աշխարհիկ կարգավիճակ չկայ, ու երկրի քրիստոնեաները ենթակայ են խտրականութեան քաղաքականութեան։
Վատիկանի պաշտօնական պատմագիր Ճիովաննի Սալէի կողմէ գրի առնուած տեղեկագրին մէջ կը պնդուի, թէ Թուրքիա ինքզինք կը նկատէ աշխարհիկ երկիր, բայց գործնականին մէջ այդպէս չէ։
[...]

September 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատի Փոխխօսնակ Քոքսի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

ԼՂՀ Նախագահը Ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատի Փոխխօսնակ Քոքսի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Սեպտեմբեր 26ին ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Լորտերու պալատի փոխխօսնակ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Ք. Քոքս անկախութեան 15րդ տարեդարձի առիթով շնորհաւորեց ԼՂՀ ժողովուրդն ու իշխանութիւնները: Ան նշեց, որ իր իւրաքանչիւր այցի ընթացքին վերստին կը լեցուի լաւատեսութեամբ եւ կ’ոգեւորուի արցախցիներու աշխատասիրութեամբ:
Հիւրերու խնդրանքով Ղուկասեան անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի [...]

September 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Խորհրդաժողով «ՀՕՄը Ի Սպաս Հայութեան Եւ Հայրենիքին» Թեմայով

Խորհրդաժողով «ՀՕՄը Ի Սպաս Հայութեան Եւ Հայրենիքին» Թեմայով

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ օգնութեան միութեան աշխարհասփիւռ ընկերուհիներուն համար ամէն տարի առիթներ կը ստեղծուին մէկտեղուելու հայրենիքի մէջ եւ հարազատ հողի վրայ, ՀՕՄուհիներով շրջապատուած, ապրելու անմոռանալի պահեր:
Այս տարի նման առիթ մը ստեղծուեցաւ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորին հիմնադրութեան 15ամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներով:
Արդարեւ, Հայաստանի ՀՕՄի հիմնադրութեան 15ամեակը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները անգամ մը եւս քով-քովի բերին տարբեր ցամաքամասերու [...]

September 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Խոհեր Վերանկախացման 15ամեակին Առթիւ

Խոհեր Վերանկախացման 15ամեակին Առթիւ

15 տարի։
15 տարի կանգուն՝ վերանկախացած Հանրապետութիւնը Հայաստանի։
Ասիկա համազգային տօն է, որ ամէնուրեք պէտք է նշուէր ամենայն հպարտութեամբ ու արժանավայել կերպով։ Բոլորին կողմէ, միասնաբար։
Գոնէ մեր գաղութին մէջ այդ չէ, սակայն, որ կը պատահի, ու ոգեկոչումները տեղի կ’ունենան ակնկալածէս շատ աւելի համեստ մակարդակի վրայ, լուռ կերպով։ Ի՞նչն է ասոր պատճառը – Քանատայի կլիմա՞ն, թէ [...]

September 28th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Լաւագոյն 19 Աշակերտներ Եւ Ուսանողներ Կը Պարգեւատրուին

Լաւագոյն 19 Աշակերտներ Եւ Ուսանողներ Կը Պարգեւատրուին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 26ին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի լաւագոյն 19 աշակերտներուն եւ ուսանողներուն յանձնուեցան նախագահի ամէնամեայ կրթական պարգեւները: Առաջին անգամ նման պարգեւներ յանձնուած են 2005ին, երբ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստորագրեցին տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտի լաւագոյն ուսանողներուն եւ աշակերտներուն նախագահի ամէնամեայ կրթական պարգեւներու շնորհման մասին պայմանագիր: Այնուհետեւ, նախագահի յանձնարարականով կազմուեցաւ յատուկ յանձնաժողով:
«Սինոփսիս Արմենիա»ի [...]

September 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Սեպտեմբեր 30ին Շարլ Ազնաւուր Պիտի Երգէ Երեւանի Մէջ

Սեպտեմբեր 30ին Շարլ Ազնաւուր Պիտի Երգէ Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանցիները Սեպտեմբեր 30ին նորէն պիտի ունկնդրեն Շարլ Ազնաւուրը, սակայն այս անգամ ոչ թէ համերգասրահէն, այլ՝ Հանրապետութեան հրապարակէն:
Ազնաւուր Ֆրանսայէն ժամանած միւս արուեստագէտներուն հետ ելոյթ պիտի ունենայ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան բացման նուիրուած արարողութեան ժամանակ, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահներ Ժաք Շիրաք եւ Ռոպերթ Քոչարեան:

September 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀՕՄի «Մայր» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Դպրոցի Վերամուտը

ՀՕՄի «Մայր» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Դպրոցի Վերամուտը

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 16ին, Հոլիվուտի «Ա. եւ Ռ. Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցի 2006-2007 ուսումնական տարեշրջանի վերաբացումը, դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմի, ՀՕՄի վարչութեան ու մասնաճիւղի անդամուհիներու եւ ծնողներու հոծ խումբի ներկայութեամբ։ Իր ողջոյնը յղելով տողանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հոլիվուտի սկաուտներու խումբը։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Կատիա Քուշերեան, որ յաջողութեան [...]

September 28th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Հայկական Խաչքարեր Պիտի Ցուցադրուին «Լուվր»ի Մէջ

Հայկական Խաչքարեր Պիտի Ցուցադրուին «Լուվր»ի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան ձեռնարկներուն շարքին է նաեւ հայկական խաչքարերու ցուցադրութիւն մը Փարիզի «Լուվր» թանգարանին մէջ:
Ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ եւ կ’ակնկալուի, որ ցուցադրուին 40 խաչքարեր:

September 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայ Ծնողներու Դասընթացքներ

Հայ Ծնողներու Դասընթացքներ

Ծնողք-զաւակ առողջ յարաբերութիւնը նախապայման է ընտանեկան մեր սրբութիւններու պահպանման, որուն համար Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) իր մարդասիրական ծառայութեան առընթեր իր առաջնահերթութիւնը տուած է հայ մշակոյթը պահպանելու, մանաւանդ հայ ուսանողին օգտակար հանդիսանալու անհրաժեշտութեանը:
Շատ մը հայ ընտանիքներ փոխադրուած են ծովածաւալ այս երկիրը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ ծանօթ չեն անոր միջավայրին եւ մշակոյթին, բնական է, որ դժուարութիւններ [...]

September 28th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Հակաահաբեկչական Մարմիններու Ժողով Երեւանի Մէջ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԵՑԻՆ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

Հակաահաբեկչական Մարմիններու Ժողով Երեւանի Մէջ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԵՑԻՆ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱՊՀ հակաահաբեկչական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Սեպտեմբեր 27ին Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ ԱՊՀ երկիրներու հակաահաբեկչական ստորաբաժանումներու ղեկավար անձնակազմի հաւաքին: Երկօրեայ հաւաքին կը մասնակցին անվտանգութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու պատուիրակութիւններ, ԱՊՀ կանոնադրական եւ աշխատանքային մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, զօրավար Գոռիկ Յակոբեան եւ ԱՊՀ հակաահաբեկչական կեդրոնի ղեկավար Պորիս [...]

September 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ՝ Երեք Թուրք Թեկնածուներ Դուրս Կը Բերուին Հոլանտայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱՆԱԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ՝ Երեք Թուրք Թեկնածուներ Դուրս Կը Բերուին Հոլանտայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն

ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ, «Էյ.Փի.».- Հոլանտայի գլխաւոր երկու քաղաքական կուսակցութիւնները՝ Քրիստոնեայ ժողովրդավար եւ Աշխատաւորական, որոշած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուներէն երեքը ետ քաշել, որովհետեւ անոնք Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրքեր են:
Կուսակցութեան պատասխանատուները շեշտեցին, թէ թուրքերը պիտի շարունակեն մնալ կուսակցութեանց անդամ, սակայն որովհետեւ անոնք ընդդիմացած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կուսակցութեանց պահանջներուն, որոշուած են ետ քաշել անոնց թեկնածութիւնը, որովհետեւ անոնք [...]

September 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՉԱՓԱԿՈՒՄԸ ՎԵՐՑՆԵԼ ՊԱՀԱՆՉԵԼՈՎ՝ Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Բարեկարգումներուն Դանդաղ Ընթացքը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇՐՉԱՓԱԿՈՒՄԸ ՎԵՐՑՆԵԼ ՊԱՀԱՆՉԵԼՈՎ՝ Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Բարեկարգումներուն Դանդաղ Ընթացքը

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպական խորհրդարանի համացանցային կայքէն կ’իմանանք, թէ Եւրոմիութեան անդամակցելու Թուրքիոյ աշխատանքներուն քննարկման ընթացքին, եւրոխորհրդարանականներ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին խստօրէն քննադատած են բարեկարգումներու դանդաղ ընթացքը, միաժամանակ շեշտելով, թէ Եւրոմիութեան անդամակցելու յոյս ունենալու համար Թուրքիա պէտք է դրացի պետութեանց հետ իր սահմանային հարցերը լուծէ, միաժամանակ շեշտելով, թէ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը «անընդունելի» է:
Սակայն, հակառակ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց [...]

September 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ինչո՞ւ Թուրքիան Նորից Յիշեց Պատմաբաններին

Ինչո՞ւ Թուրքիան Նորից Յիշեց Պատմաբաններին

Յայտնի է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու հարցը որպէս Եւրոմիութիւն Թուրքիայի մուտք գործելու նախապայման դիտարկելու՝ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւնների յանձնախմբի Սեպտեմբերի 4ի պահանջը սուիններով է ընդունուել Անգարայում։ Վարչապետ Ռ. Էրտողանը «դատարկ երազանք» անուանեց այս հարցում իր երկրի դիրքորոշումները փոփոխուած տեսնելու՝ միջազգային հանրութեան սպասելիքները։ Բայց ահա անցաւ ընդամէնը մի քանի օր եւ տնտեսութեան նախարար, Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններում յատուկ [...]

September 28th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՉԱՒԱԽՔ Ախալցխան Օժտուեցաւ Հայկական Երիտասարդական Կեդրոնով

ՉԱՒԱԽՔ Ախալցխան Օժտուեցաւ Հայկական Երիտասարդական Կեդրոնով

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Սեպտեմբեր 25ին Ախալցխայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական երիտասարդական կեդրոնի բացումը: Կեդրոնի ծրագիրի իրականացումը կատարուած է Հայ օգնութեան միութեան Չաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, իսկ կեդրոնի վերանորոգումը ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղի Չաւախքի հիմնադրամի տրամադրած միջոցներով: Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Ախալցխայի քաղաքապետ Թամազ Փեթրիաշուիլին, ՀՕՄԻ Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղի Չաւախքի հիմնադրամի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հայկուշ Քոհլըր, Հայ [...]

September 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Թուրքիա Մտահոգ Է Իրաքի Մէջ Դաշնակցային Վարչաձեւի Հաստատման Հեռանկարով

Թուրքիա Մտահոգ Է Իրաքի Մէջ Դաշնակցային Վարչաձեւի Հաստատման Հեռանկարով

ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ մտահոգութիւն յայտնած է Իրաքի մէջ դաշնակցային վարչաձեւի մը հաստատումին վերաբերեալ։ Կիւլ յայտնած է, թէ նման քայլ մը Իրաքը կը բաժնէ սիւննի, շիի եւ քիւրտ մասնիկներու եւ մեծապէս կը վտանգէ երկրին կայունութիւնը։
Կիւլի համաձայն, նման քայլ մը անպայմանօրէն քաղաքացիական պատերազմի պիտի առաջնորդէ, եւ նման պարագայի դրացի երկիրները «ստիպուած» [...]

September 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Այցելութիւն Տէր Զօր Եւ Մարկատէ

Այցելութիւն Տէր Զօր Եւ Մարկատէ

Անցնող Ապրիլի վերջին օրերուն կարելիութիւն ունեցայ ծննդավայրս՝ Սուրիա այցելելու։ Հալէպ այցելութիւնս հիմնականին մէջ կը նպատակադրէր տեսնել քոյրս եւ իր հասած զաւակները։ Երբ տնեցիներուն յայտնեցի նաեւ Տէր Զօր այցելելու փափաքս, քրոջս տղան անմիջապէս ստանձնեց առաջնորդութիւնս։ Այսպէս էր, որ Ուրբաթ օրով մենք ճամբայ ելանք դէպի Տէր Զօր՝ հոգիի պարտք մը տալու անհուն ցանկութեամբ։ Երկու օրուան մէջ 2000 [...]

September 28th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

ԱՄՓՈՓ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՄՓՈՓ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏ ԱՄԵՐԻԿԱՆ Կ’ԱՅՊԱՆԷ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՉ
ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանական «Շփիկըլ» շաբաթաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ըսած է, թէ Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ եղած յարձակումին համար պէտք է այպանել Միացեալ Նահանգները եւ Միջին Արեւելքի մէջ անոնց վարած քաղաքականութիւնը։
Սեպտեմբեր 12ին չորս սուրիացիներ փորձած էին պայթեցնել Դամասկոսի [...]

September 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Դաշնակցական Հրապարակագիր Պօղոս Սնապեան, Իր «Կրկէսին Մէջ – Հատոր Երրորդ»ին Ընդմէջէն

Դաշնակցական Հրապարակագիր Պօղոս Սնապեան, Իր «Կրկէսին Մէջ – Հատոր Երրորդ»ին Ընդմէջէն

Հրապարակագիրը ան է, որ իր մտքի ու սրտի զարկերուն կշռոյթը համաչափ կը պահէ իր շրջապատին, իր ժողովուրդին բազկերակին հետ, քայլ առ քայլ կը հետեւի հաւաքականութիւնը յուզող երեւոյթներու եւ զարգացումներու, անոնք ըլլան քաղաքական, ընկերային, գրական-մշակութային թէ այլ, անոնց իր գրիչով կ՚արձագանգէ՝ մեկնելով յստակ սկզբունքներէ, անշեղ հայեցակէտէ, դրականին կու տայ իր գնահատականը, սխալին ու դատապարտելիին՝ իր գրիչին [...]

September 28th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Օսկանեանի Ելոյթը ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովին

Օսկանեանի Ելոյթը ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան Սեպտեմբեր 25ին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին առջեւ: Օսկանեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն, յառաջ քշելով այն միտքը, որ ամբողջ աշխարհի հաւատքը «կոտրուած է» ի տես անարդարութեան, բիրտ ուժի ցուցադրութեան եւ քաղաքական նպատակայարմարութեան ջատագովութեան:
«Երբ համաշխարհային որեւէ մարմին կամ ուժ կորցնում է իր բարոյական հեղինակութիւնը, հաւաքական [...]

September 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՆՈՐ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԻՆ ՄԷՉ Ընդդիմանալով Պուշին, Ծերակուտականներ Նեցուկ Կը Կանգնին Հայերուն

ՆՈՐ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԻՆ ՄԷՉ Ընդդիմանալով Պուշին, Ծերակուտականներ Նեցուկ Կը Կանգնին Հայերուն

Ամերիկացի քաղաքականութիւն կերտողներու երկկուսակցական խումբ մը կը սպառնայ Հայաստանի դեսպանի նոր նշանակման վաւերացումը դժուարացնել, միաժամանակ ճնշում բանեցնելով նախագահ Ճորճ Պուշի վարչամեքենային վրայ, որպէսզի հրաժարի շուրջ դար մը առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն սպանութիւնները նկարագրելու համար «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելու իր վաղեմի դժկամութենէն։
Ռիչըրտ Հոկլընտը Հայաստանի նոր դեսպանի պաշտօնին վրայ հաստատելու աշխատանքները սառեցուած են, որովհետեւ ան խուսափած [...]

September 27th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Նախարար Օսկանեան Եւ Մինսքի Համանախագահները Անդրադարձան Բանակցութիւններուն

Նախարար Օսկանեան Եւ Մինսքի Համանախագահները Անդրադարձան Բանակցութիւններուն

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի 61րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցող ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան երէկ, Սեպտեմբեր 26ին հանդիպեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցաւ բանակցութիւններու ներկայ իրավիճակը՝ ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի օրակարգին ՎՈՒԱՄի նոր նախաձեռնութեան պարունակին մէջ:
Զրուցակիցները անդրադարձան հնարաւոր զարգացումներուն եւ բանակցութիւններու վերսկսման հնարաւորութիւններուն:

September 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Յաջորդ Օրերը

Յաջորդ Օրերը

Անկախութեան օրը տօնեցինք։
Հայկական բանակը յատուկ զօրահանդէսով, փաղանգ առ փաղանգ զինուորական խրոխտ տողանցքով, ռազմական հնարաւորութեանց հպարտ ցուցադրութեամբ ոգեպնդեց մեզ, բոլորը՝ Հանրապետութեան հրապարակը ողողող բազմութիւնը եւ վստահաբար հանրային պատկերասփիւռէն դիտող հայութիւնը թէ արտերկրի հայութիւնը։
Տօնի առթիւ կազմակերպուած երգահանդէսները, Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտը եւ աւելի ուշ օփերայի «Ազատութեան» հրապարակը լեցնող անհամար բազմութիւնը յուզեցին մեր հոգիները։
Գիշերային բազմագոյն [...]

September 27th, 2006

| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »

Երեւանի Կեդրոն Եւ Նորք-Մարաշ Համայնքը Օժտուեցաւ Առաջին Ատեանի Դատարանի Նոր Շէնքով

Երեւանի Կեդրոն Եւ Նորք-Մարաշ Համայնքը Օժտուեցաւ Առաջին Ատեանի Դատարանի Նոր Շէնքով

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 26ին բացումը կատարուեցաւ Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու առաջին ատեանի դատարանի շէնքին: Այն դատաիրաւական բարեփոխումներու վարկային ծրագիրի շրջանակներով կառուցուած 10րդ շէնքն է եւ կը համապատասխանէ դատարաններու անվտանգութեան եւ նախագծման միջազգային չափանիշներուն:
Շէնքը ունի հինգ յարկ. առաջին եւ երկրորդ յարկերու մէկ մասը հասարակական սպասարկման յատկացուած է, իսկ միւս մասերը եւ երրորդ յարկը ամբողջութեամբ [...]

September 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԼԵՄԱԿԱՆՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՉ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄԸ ՄԵՐԺՈՂ ԿՈՉԵՐ ԿԸ ՑՐՈՒԵՆ

ԼԵՄԱԿԱՆՆԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՉ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒՄԸ ՄԵՐԺՈՂ ԿՈՉԵՐ ԿԸ ՑՐՈՒԵՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի մայրուղիին վրայ եւ հրապարակին շուրջ Հ.Յ.Դ. ԼԵՄի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամներ բաժնեցին Լիբանանի մէջ թրքական զօրքերու տեղակայումը մերժող արաբերէն եւ անգլերէն կոչեր։
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական միութեան անունով ստորագրուած կոչերը հիմնական չորս կէտերու մէջ կու գան բացատրելու լիբանանահայ համայնքին մերժողական կեցուածքին պատճառները։
Նշեալ կոչերուն մէջ կը յիշուի, թէ որեւէ խաղաղարար [...]

September 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԼԻԲԱՆԱՆ Հարիրիի Սպանութեան Առնչուող Երկրորդ Տեղեկագիրը Յանձնուեցաւ

ԼԻԲԱՆԱՆ Հարիրիի Սպանութեան Առնչուող Երկրորդ Տեղեկագիրը Յանձնուեցաւ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ծալքերու բացայայտման հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբի նախագահ դատախազ Սերժ Պրամըրց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի ներկայացուցած է իր կատարած հետաքննութեան երկրորդ տեղեկագիրը։
Ըստ նախնական տուեալներու, Պրամըրցի այս տեղեկագիրը եզրափակիչ չէ։ Պրամըրցի տեղեկագիրը կը բաղկանայ 105 բաժիններէ:
Տեղեկագիրին մէջ նշուած է, թէ Պրամըրցի նախագահած յանձնախումբը պիտի շարունակէ քրէական [...]

September 27th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայաստանի Վերանկախացման 15ամեակը Կը Նշուի Քոնկրէսի Մէջ

Հայաստանի Վերանկախացման 15ամեակը Կը Նշուի Քոնկրէսի Մէջ

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՀԴՅ) կը հաղորդէ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին Քոնկրէսին մէջ իրենց ունեցած ելոյթներով խումբ մը քոնկրէսականներ նշած են Հայաստանի վերանկախացման 15րդ տարեդարձը, որուն համար յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ:
Ինչպէս Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովին առջեւ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին ԱՀԴՅի ատենապետ Քեն Խաչիկեան յայտնեց. «Մեր մեծագոյն մարտահրաւէրները մեր առջեւն են, որովհետեւ Հայաստանի անկախութիւնը թէ՛ մեր [...]

September 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Պրազիլահայ Լուսանկարիչ Մանուկ Փոլատեանի Ցուցահանդէսի Բացումը

Պրազիլահայ Լուսանկարիչ Մանուկ Փոլատեանի Ցուցահանդէսի Բացումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 25ին «Մոսկուա» շարժապատկերի ճեմասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պրազիլահայ լուսանկարիչ Մանուկ Փոլատեանի՝ 46 աշխատանքներէն բաղկացած ցուցահանդէսի բացումը:
Ցուցադրուած աշխատանքները կը ներկայացնեն Սան Փաուլօ քաղաքը, եւ նուիրուած են քաղաքի հիմնադրման 450ամեակին:
Ցուցահանդէսի նախաձեռնողներն են «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը, Պրազիլի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը, Հայաստանի մէջ Պրազիլի դեսպանութիւնը եւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահը:
Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու [...]

September 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Չիչէք Դժգոհ Է Օրհան Փամուքէն

Չիչէք Դժգոհ Է Օրհան Փամուքէն

«Ռատիքալ» թերթը տպած է թուրք լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտի հարցազրոյցը արդարադատութեան նախարար Ճէմիլ Չիչէքի հետ, որու գլխաւորաբար կ’առնչուի քրէական օրէնքի թիւ 301րդ յօդուածին։
Նախարարը յօդուածի դէմ բարձրացող բոլոր առարկութիւններուն «մեղքը» կը բեռցնէ վիպագիր Օրհան Փամուքի ուսերուն, պնդելով, թէ անոր պատճառով առաջին անգամ գործադրուեցաւ թիւ 301րդ յօդուածը։
Այս մասին Չիչէք ունի տարօրինակ մտածում մը։ Ան կ՚ըսէ, [...]

September 27th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Եւրոպայի 261 Հայկական Կազմակերպութիւններ Կը Դիմեն Եւրոխորհրդարանին

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Եւրոպայի 261 Հայկական Կազմակերպութիւններ Կը Դիմեն Եւրոխորհրդարանին

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ մասին Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուցած բանաձեւին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայման դարձնելու առաջարկը բանաձեւին վերջնական օրինակէն վերցնելու համար աշխատանքին դէմ նամակ մը յղուած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն, որուն տակ ստորագրած են Եւրոպայի տարածքին գործող 261 հայկական կազմակերպութիւններ:
Նամակին մէջ կը [...]

September 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԹՈՒՐՔԻԱ Բանակը Մտահոգ Է Իսլամականներու Ազդեցութեան Հզօրացումով

ԹՈՒՐՔԻԱ Բանակը Մտահոգ Է Իսլամականներու Ազդեցութեան Հզօրացումով

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Իլքէր Պաշպուղ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին յայտարարեց, թէ իսլամականներ սպառնալիք դարձած են երկրին եւ ընդգծեց, թէ բանակը իրաւունք ունի անոնց դէմ կեցուածք որդեգրելու, հակառակ Եւրոպական միութեան գանգատներուն, թէ բանակը կը միջամտէ երկրին քաղաքական հարցերուն։
«Այսօր, կը ցաւիմ ըսելու, թէ իսլամական սպառնալիքը մտահոգիչ տարողութեան հասած է», ըսաւ Պաշպուղ Անգարայի զինուորական [...]

September 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիա» Առագաստանաւի Անձնակազմը

Պարգեւատրուեցաւ «Կիլիկիա» Առագաստանաւի Անձնակազմը

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Սեպտեմբեր 26ին «Կիլիկիա» առագաստանաւի անձնակազմը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան շքանշաններով:
Նախագահ Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ եռամեայ նաւագնացութեան համարձակ մտայղացումը փայլուն իրականացնելու համար՝ նշելով, որ գնահատանքի արժանի են նաեւ բոլոր անոնք, որոնք այս կամ այն կերպ աջակցեցան այս նախաձեռնութեան:
«Կիլիկիա»ի անձնակազմը նախագահին յանձնեց ճամբորդութեան երրորդ փուլին նաւի վրայ ծածանած [...]

September 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԹԱԼԱՊԱՆԻ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԴՐԱՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԻՉԱՄՈՒԽ ԸԼԼԱԼ

ԹԱԼԱՊԱՆԻ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԴՐԱՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԻՉԱՄՈՒԽ ԸԼԼԱԼ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանի Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին սփռուած հարցազրոյցի մը մէջ Իրաքի դիմագրաւած հարցերուն պատասխանատուութեան մեծ մասը բեռցուցած է դրացի պետութեանց ուսերուն, միաժամանակ սպառնալով այդ երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալ, եթէ անոնք չդադրին օժանդակութիւններ տրամադրելէ Իրաքի կայունութիւնը խախտող ուժերուն:
Միւս կողմէ, Թալապանի ամերիկեան «Նիւզուիք» շաբաթաթերթին յայտնած է, թէ Քիւրտիստանի բանուորական [...]

September 27th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

15ամեայ Հայրենաբոյր Երգարուեստը

15ամեայ Հայրենաբոյր Երգարուեստը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը տասնհինգ տարեկան է։ Այսօր Սեպտեմբերի 18ն է, եւ արդէն Երեւանի փողոցները ամէն քայլափոխին կը յիշեցնեն այդ տօնի մասին։
Հանրապետութեան հրապարակը լի է թնդանօթներով, Եռագոյն դրօշներով ու տօնը խորհրդանշող մեծ ցուցանակներով. նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարուին՝ 21ի առաւօտեան զինուորական տողանցք կազմակերպելու համար, տասնհիգամեայ բանակի զինուորները պիտի տողանցեն խրոխտ ու հաստատ քայլերով, ռազմական օդանաւերը պիտի թռչին՝ [...]

September 27th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Գ. Պետրոսեան Ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատի Փոխխօսնակ Քոքսը

Գ. Պետրոսեան Ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատի Փոխխօսնակ Քոքսը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ԼՂ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Սեպտեմբեր 26ին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու պալատի փոխխօսնակ, մարդասիրական օգնութեան տրամադրման հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը, որուն գլխաւորութեամբ Ստեփանակերտ ժամանեց բրիտանացի—ամերիկացի բարերարներու պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման բացումը կատարելով, ԼՂՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ ըստ ամենայնի աջակցութիւն ցուցաբերել ամերիկացի—բրիտանացի բարերարներուն կողմէ Լեռնային [...]

September 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

«Եւրասիա» Հիմնադրամը 130,000 Տոլար Յատկացուց Հասարակական Կազմակերպութիւններու

«Եւրասիա» Հիմնադրամը 130,000 Տոլար Յատկացուց Հասարակական Կազմակերպութիւններու

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մարզերու աւելի քան 190 հասարակական կազմակերպութիւններ եւ համայնքային ոչ պաշտօնական խումբեր պիտի օգտուին «Եւրասիա» հիմնադրամի հայաստանեան ներկայացուցչութեան ծրագիրի շրջանակներով տրամադրուող աղբիւրներէն եւ վերապատրաստման ծառայութիւններէն:
Ըստ հիմնադրամի տեղեկատուութեան, 130 հազար տոլար յատկացուած է հզօրացնելու 9 կազմակերպութիւններու կարողութիւնները, որպէսզի անոնք աւելի լաւ կերպով նպաստեն տեղական հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ քաղաքացիներուն: Անոնք դասընթացներ պիտի կազմակերպեն տեղական [...]

September 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղը Նշեց Իր Հիմնադրութեան Պատմական 25ամեակը

«Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղը Նշեց Իր Հիմնադրութեան Պատմական 25ամեակը

Կիրակի, 16 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 25ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը՝ «Օճախ» ճաշասրահին մէջ:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Երեկոյին «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան բոլոր անդամ-անդամուհիներուն կողքին ներկայ էր նաեւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ կը ներկայացնէր առաջնորդը, [...]

September 27th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«Թումանեանական Հեքիաթի Օր»ը Տիկնիկային Փառատօն Դսեղի Մէջ

«Թումանեանական Հեքիաթի Օր»ը Տիկնիկային Փառատօն Դսեղի Մէջ

ՎԱՆԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայր Դսեղի մէջ, Սեպտեմբեր 24ին բացումը կատարուեցաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» խորագիրով տիկնիկային քառօրեայ փառատօնին: Տիկնիկային գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոնի (UNIMA) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջոցառման կը մասնակցին 20 տիկնիկային թատրոններ Երեւանէն, Ախալքալաքէն, Վանաձորէն, Գիւմրիէն, Գորիսէն, Իջեւանէն, Էջմիածինէն, Մեծամօրէն եւ Շուշիէն: Փառատօնի կազմակերպման մտայղացումը տիկնիկային գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոնի [...]

September 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Դարձեալ Սեպտեմբեր

Դարձեալ Սեպտեմբեր

Այո, դարձեալ Սեպտեմբեր:
Ճիշդ այս բառերուն առջեւ, երբ յաճախ ժամանակին ետեւ անցած դէմքեր աչքիս առջեւ կը տողանցեն, դէպքեր են, որ այս անգամ մտքիս մէջ նորոգուելով կը հասնիմ հոն՝ ուր շատերու հետ միասին ուսման միջնակարգ հանգրուան հազիւ աւարտած որոշ ինքնավստահութեամբ մը կ’անցնինք երկրորդական:
Նոր հանգրուան. նոր դէպքեր… որոնցմէ ամենայատկանշականը մտքիս մէջ անջնջելի մնացած է այսօր՝ «Ետ [...]

September 27th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Բարերարներ Լեւոն Եւ Պէլլա Ահարոնեանները Պարգեւատրուեցան «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Շքանշանով

Բարերարներ Լեւոն Եւ Պէլլա Ահարոնեանները Պարգեւատրուեցան «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Շքանշանով

ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Սեպտեմբեր 23ին, Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կողմէ Հայ եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցան թեհրանաբնակ բարերարներ Լեւոն եւ Պէլլա Ահարոնեանները «բարեսիրական բազմամեայ արդիւնաշատ ծառայութիւններուն համար»:
Այս առնչութեամբ հրատարակուած վեհափառի կոնդակին մէջ ըսուած է. «Առ Աստուած հաւատով եւ առ հարազատ ժողովուրդը որդիական սիրով Դուք տարիներ շարունակ բարի աւանդ էք [...]

September 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Նշուեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի Տարեդարձը

Նշուեցաւ Մուսա Լերան Հերոսամարտի Տարեդարձը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արմաւիրի մարզի Մուսալեռ համայնքին մէջ Սեպտեմբեր 24ին արդէն 43րդ անգամ մատուցուող աւանդական հարիսայով եւ յաղթական շուրջպարով նշուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձը:
Տօնակատարութեան մասնակցեցան հիւրեր Հայաստանէն եւ արտասահմանէն, նախկին մուսալեռցիներու ներկայացուցիչներ, սփիւռքահայեր: «Մուսա լեռ» հայրենակցական-բարեգործական միութեան նուիրաբերած միջոցներով տօնախմբութեան զոհաբերուեցաւ 37 ոչխար:
Միջոցառումը սկսաւ օրհնութեամբ եւ հարիսան օրհնեց Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանը:

September 26th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՄԵԾԱՐՄԱՆ ԻՆՔՆԱԲՈՒԽ ՀԱՒԱՔ՝ ԵՓՐԵՄ ԽԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ՄԵԾԱՐՄԱՆ ԻՆՔՆԱԲՈՒԽ ՀԱՒԱՔ՝ ԵՓՐԵՄ ԽԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Իրանի սահմանադրական շարժման 100ամեակին առիթով խումբ մը հայ երիտասարդներ ինքնաբուխ նախաձեռնութեամբ մեծարեցին հայ ազատագրական շարժման անխոնջ մարտիկներէն Եփրեմ Խանը, որ իր անժխտելի դերը ունեցած է Իրանի սահմանադրական շարժման ձեւաւորման եւ առաջատարման գծով: Եւ այսպէս, 18 Օգոստոսին, Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր տեղադրուած է Եփրեմ Խանի կիսանդրին, երիտասարդները հնչեցուցին «Արիւնոտ դրօշ» յեղափոխական երգը, որմէ [...]

September 26th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՄԷՉ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄԻՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Բանեցուցած Ճնշումները

ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՄԷՉ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄԻՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Բանեցուցած Ճնշումները

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ մասին Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուցած բանաձեւին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայման դարձնելու առաջարկը բանաձեւին վերջնական օրինակէն վերցնելու համար աշխատանք սկսած են տանիլ Եւրոխորհրդարանի ընկերվարական եւ ազատական խմբակցութիւնները, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք գլխաւոր ջատագովներն էին այդ առաջարկին:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին համաձայն, կեցուածքի այս անակնկալ փոփոխութիւնը [...]

September 26th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Երկօրեայ Ձեռնարկներ՝ Նուիրուած Վահէ Օշականին

Երկօրեայ Ձեռնարկներ՝ Նուիրուած Վահէ Օշականին

Օշական ընտանեկան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր եւ Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2006ին, կազմակերպուած էին Վահէ Օշականին նուիրուած ձեռնարկներ: Առաջին ձեռնարկը նուիրուած էր Վահէ Օշականի յետմահու հրատարակուած առաջին հատորին՝ «Ճամբորդը» քերթողագիրքին, իսկ երկրորդ ձեռնարկը միօրեայ համագումար մըն էր, որ կը միտէր ներկայացնելու Վահէ Օշական մարդը, գրագէտը, մտածողը եւ տեսաբանը: [...]

September 26th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Երգ Տանձի Մասին, Կատարողութեամբ «Հայկական Ժամանակ»ի

Երգ Տանձի Մասին, Կատարողութեամբ «Հայկական Ժամանակ»ի

Երեւանի «Հայկական ժամանակ» թերթի հրապարակումներուն հետեւելով ակամայ կը յիշես «արջը եօթ երգ ունի, եօթն ալ տանձի մասին է» ասացուածքը։ Ա՛յս արջին երազած տանձն ալ ՀՀ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է, որուն քաղաքանութիւն վերադարձին մեծ կարօտով կը սպասէ «Հայկական ժամանակ»ը, որ իր կարօտը կը վերարտայայտէ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8ի թիւին մէջ լոյս տեսած՝ «Սպասենք եւ յուսանք» [...]

September 26th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ Տարֆուրի Հաւաքին

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ Տարֆուրի Հաւաքին

Սեպտեմբեր 17ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Տարֆուրի (Սուտան) ցեղասպանութիւնը դատապարտող ժողովրդային հաւաք մը, որուն գլխաւոր կազմակերպիչն էր Save Darfur Now կազմակերպութիւնը, որ իր շուրջ կը համախմբէ միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին՝ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը: Ցոյցի հանդիսավարն էր մարդկային իրաւանց պաշտպան Ճասթին Թրուտօ՝ զաւակը նախկին վարչապետ Փիեռ Թրուտոյի:
Պրն. Թրուտօ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայկական [...]

September 26th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Ընդունեց Ռամկավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները

ԼՂՀ Նախագահը Ընդունեց Ռամկավար Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Անդամները

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեան Սեպտեմբեր 25ին ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի եւ Քանատայի շրջանային վարչութեան ատենապետ Արա Ահարոնեանը եւ Հայաստանի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան վարչութեան ատենադպիր Կարէն Կակոյեանը:
ԼՂՀ ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն փոխանցելով կուսակցութեան պաշտօնական շնորհաւորանքները Արցախի անկախութեան հռչակման 15րդ տարեդարձի կապակցութեամբ՝ հիւրերը վերահաստատեցին կուսակցութեան Սփիւռքի եւ հայաստանեան կառոյցներու [...]

September 26th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Լուրեր Առաջնորդարանէն

Լուրեր Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՉՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ Գ. ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով իրեն ուղղուած պաշտօնական հրաւէրներուն, Կիրակի, 17ի յետմիջօրէին մեկնեցաւ Երեւան, մասնակցելու համար Հայաստան-Սփիւռք երրորդ խորհրդաժողովին։
Առաջնորդը Երեւան հասնելով միացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ այս խորհրդաժողովին մասնակցող պատուիրակութեան։
Եռօրեայ խորհրդաժողովին կողքին, առաջնորդը մասնակից եղաւ վեհափառի շրջապտոյտին ու տեսակցութիւններուն, Էջմիածինի մէջ եւ այլուր։
Ան [...]

September 26th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԼԻԲԱՆԱՆ Ժաաժաա Քննադատեց Զինեալ Դիմադրութեան Ընտրանքը

ԼԻԲԱՆԱՆ Ժաաժաա Քննադատեց Զինեալ Դիմադրութեան Ընտրանքը

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան ղեկավար Սէմիր Ժաաժաա Կիրակի, Սեպտեմբեր 24ին ներկայ գտնուեցաւ կուսակցութեան զոհրուն յիշատակին մատուցուած պատարագին, որ տեղի ունեցաւ Հարիսայի մէջ։
Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ներկայացուցիչները, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ եւ Հ.Յ.Դաշնակցութենէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան եւ Մելիք [...]

September 26th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հրադադարի Խախտման Հետեւանքով Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած Է

Հրադադարի Խախտման Հետեւանքով Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբերի 23ին, ժամը 13:30ին Ատրպէյճանի կողմէ Իջեւանի զօրամասի մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ արձանագրուած է հրադադարի խախտում, որուն արդիւնքով նահատակուած է 1964ին ծնած ենթասպայ Գառնիկ Նաւիկի Մէլեանը:

September 26th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայրենակցական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Միաբանութեան Պատուաւոր Նախագահ Ընտրուեցաւ Աղուան Յովսէփեան

Հայրենակցական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Միաբանութեան Պատուաւոր Նախագահ Ընտրուեցաւ Աղուան Յովսէփեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայրենակցական հասարակական կազմակերպութիւններու միաբանութիւն» միութիւնը Սեպտեմբեր 25ին հրաւիրուած հիմնադիր համագումարի ընթացքին պատուաւոր նախագահ ընտրեց «Նիգ-Ապարան» հայրենակցական միութեան նախագահ, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը, իսկ միութեան նախագահ ընտրուեցաւ «Յանուն Գուգարաց» հայրենակցական միութեան նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Վահրամ Բաղդասարեանը: Յիշեցնենք, որ առայժմ այս միութեան մէջ միաւորուած են 27 հայրենակցական միութիւններ:
Ըստ Հայրենակցական հասարակական կազմակերպութիւններու միաբանութիւն միութեան պատուաւոր [...]

September 26th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայաստանի 14 Տարեկան Ճատրակիստներու Խումբը Արագ Ճատրակի Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի 14 Տարեկան Ճատրակիստներու Խումբը Արագ Ճատրակի Եւրոպայի Ախոյեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոնթենեկրոյի Հերցէկ Նովի քաղաքին մէջ կազմակերպուած ճատրակի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի մինչեւ 14 տարեկան ճատրակիստներու խումբը 14 կէտէն 13 կէտ հաւաքելով նուաճեց արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը:
Նոյն տարիքային կարգի անհատական ախոյեանութեան մրցումներուն յաջող հանդէս եկաւ Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ նուաճեց ախոյեանի տիտղոսը: Իսկ Վահէ Բաղդասարեան գրաւեց 3րդ դիրքը:

September 26th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստանը Մասնակցեցաւ Հիւլէական Ուժանիւթի Գործակալութեան 50րդ Խորհրդաժողովին

Հայաստանը Մասնակցեցաւ Հիւլէական Ուժանիւթի Գործակալութեան 50րդ Խորհրդաժողովին

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Վիեննայի մէջ Սեպտեմբեր 18ին տեղի ունեցաւ հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան 50րդ յոբելենական խորհրդաժողովի բացումը, ուր ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշեր:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան: Խորհրդաժողովի ընթացքին քննուեցան միջուկային ուժանիւթի անվտանգ օգտագործման եւ միջուկային զէնքի չտարածման նպաստելու՝ գործակալութեան յառաջիկայ ծրագիրները:
Իր ելոյթին մէջ [...]

September 26th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հալածուած Հայը Կամ Պարզապէս՝ «Խուլիգանը»

Հալածուած Հայը Կամ Պարզապէս՝ «Խուլիգանը»

Ընթերցողը յանկարծ չկարծի, թէ սա գրական երկի վերնագիր է: Ո՛չ: Պարզապէս այստեղ, այս գաղութում երեւան է եկել հայի նոր տեսակ, որին ուզում եմ ծանօթացնել մեր ընթերցողներին: Հայի այդ տեսակի ազգաբանական յատկութիւնները ինձ համար շատ մութ են եւ կասկածելի, բայց մարդաբանականի մասին յստակօրէն կարող եմ բնութագրում կատարել: Սովորական խօսակցական հայերէնով դա բնութագրւում է մէկ բառով՝ խուլիգան: [...]

September 26th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՉ

ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՆԻՒԹԵՐ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՉ

Թորոնթոյի համալսարանի Մերձաւոր եւ միջին արեւելեան քաղաքակրթութեանց բաժանմունքը, «Գոլոլեան» հիմնարկի նեցուկով, 2006-2007 տարեշրջանին համար հաստատած է հայագիտական երկու դասանիւթ՝ «Արմինիըն Լիթրըչըր ին թըրենսլէյշըն» եւ «Հիսթըրի աֆ Արմինիըն Քրիսթչիանիթի»: Անոնցմէ առաջին դասաւանդումը կ՚երկարի Յունուարէն Ապրիլ, իսկ երկրորդի պարագային՝ Սեպտեմբերէն Դեկտեմբեր: «Հայ գրականութիւնը՝ թարգմանութեան ընդմէջէն» նիւթը կը սկսի հինգերորդ դարէն ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը՝ ընդգրկելով [...]

September 26th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՈՒՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ Պատմութիւնը Նենգափոխելու Տարբեր Փորձ Թուրքիոյ Մէջ

ՈՒՐԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ Պատմութիւնը Նենգափոխելու Տարբեր Փորձ Թուրքիոյ Մէջ

Թրքական «Աքշամ» թերթը հարցազրոյց մը կատարած է Թուրքիոյ կրթական խորհուրդի նախագահ Իրֆան Էրտողանի հետ, որու կարեւոր մէկ մասը կը վերաբերէր Հայկական հարցի մէջ նոր մօտեցումի մը, որ պիտի կիրարկուէր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ։ Ըստ նոր մօտեցումին, որ կը ծանուցուի իբրեւ «լուրջ փոփոխութիւն», փոխանակ Հայկական Ցեղասպանութեան վրայ կեդրոնանալու, Հայկական հարցը թուրք աշակերտներուն պիտի ծանօթացուի իբրեւ 1945էն ետք [...]

September 26th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թրքական Քաղաքականութեան Վերադարձը Միջին Արեւելք

Թրքական Քաղաքականութեան Վերադարձը Միջին Արեւելք

Ի վերջոյ Թուրքիոյ Ազգային ժողովը 5 Սեպտեմբերին 550ի վրայ 340 ձայնով թոյլ տուաւ թրքական ուժերուն մասնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ՖԻՆԻՒԼի խաղաղարար առաքելութեան։ Քուէարկութենէն անմիջապէս յետոյ Անգարա յայտարարեց, թէ պիտի մասնակցի ՖԻՆԻՒԼին, վարչապետ Էրտողանի խօսքերով՝ «ստանձնելու համար իր պատմական ու մարդասիրական պատասխանատուութիւնները» Միջին Արեւելքի մէջ «յարատեւող խաղաղութիւն հաստատելու պայմաններու ստեղծման» ուղղութեամբ։ Վարչապետը այս յայտարարութիւնը կատարեց ՄԱԿի [...]

September 26th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »