Home » October 31st, 2006Entries posted on “October, 2006”
Որքան մօտենան 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւնները, այնքան կը շեշտուին Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը յատկորոշող անյայտներն ու հրամայականները։
Անորոշութիւնը չի գար, անշուշտ, մրցադաշտին վրայ գտնուող ուժերու բազմազանութենէն, ոչ ալ այնքան ծանօթ մրցակիցներու անակնկալ դիմաշրջումներէն անպայման։ Ի վերջոյ Հայաստանը փոքր երկիր է, ներքաղաքական դաշտը նոյնպէս ընդարձակ չէ եւ, մեծ ընտանիքի մը անդամներուն պէս, ամէն մարդ բոլորին այս կամ այն [...]
October 31st, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԱՊՈՒՃԱ, Նիճերիա, «Ռոյթըրզ».- Նիճերիոյ մայրաքաղաք Ապուճայէն թռիչք առած օդանաւ մը կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով էջուղիէն միայն 2 քիլոմեթր հեռու ջախջախուեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին։ Օդանաւին մէջ գտնուող 105 անձերէն 96ը, ներառեալ՝ երկրին իսլամներուն ղեկավարը, զոհ գացին արկածին։ Անոր մահուան առիթով հնգօրեայ սուգ հռչակուեցաւ երկրին Սոքոթօ նահանգին մէջ։
Շուրջ մէկ տարուան մէջ 4 ահաւոր օդանաւային արկածներ ցնցած [...]
October 31st, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Աջափնեակ համայնքին մէջ Հոկտեմբեր 29ին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով, նախնական տուեալներով, թաղապետ ընտրուած է անկուսակցական Ռուբէն Յովսէփեան (13,930 ձայն):
Ընտրութիւններուն մասնակցած 18,935 ընտրողներէն 1920ը քուէարկած է «Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութեան թեկնածու Իշխան Արշակեանին, իսկ 2416ը՝ Գագիկ Սարգսեանին (Հ.Յ.Դ.): Այս մասին յայտնեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամլոյ քարտուղար Ծովինար Խաչատրեան եւ նշեց, որ 654 քուէաթերթիկներ [...]
October 31st, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱԼ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ կայացած արհեստավարժ թենիսի «Տաւիտոֆ» մրցաշարքի քառորդ աւարտականին մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27ի երեկոյեան անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Զուիցերիոյ թիւ 2 թենիսմէնէն, Սթանիսլաւ Վաւրինքայէն, 6-7 (7-9), 2-6 արդիւնքով եւ դուրս մնաց մրցաշարքէն, որուն տիտղոսին տիրացած է 2002ին:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան (ձախին) մրցումէն ետք կը ձեռնուի Վաւրինքայի [...]
October 31st, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ Քրեմլինի մէջ առանձնազրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ, գլխաւորաբար ծանրանալով տնտեսական հարցերու վրայ:
Փութին ողջունելով Հայաստանի նախագահի այցը Ռուսիա՝ գոհունակութիւն յայտնեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները պարբերական շարունակութիւն ունին ամենաբարձր մակարդակով եւ խորութեամբ: Ան անդրադարձաւ վերջին շրջանին հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան ընդլայնման, ընդգծելով մասնաւորապէս, որ միայն [...]
October 31st, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայկական Ցեղասպանութեան 90ամեակի առիթով, Քեպէքի Հայ Դատի Յանձնախումբը (Քանատա), համագործակցութեամբ Քեպէքի քաղաքապետարանին եւ Commission de La Capitale Nationale-ին, նախաձեռնած էր Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրիի զետեղումը Քեպէք քաղաքի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ։
Այս աշխատանքով զբաղող ենթայանձնախումբը օրին յարմար նկատած էր Կոմիտասի քանդակի իրագործման համար կազմակերպել մրցոյթ, մասնակից դարձնելու թէ՛ Սփիւռքէն եւ թէ՛ հայրենիքէն արուեստագէտներ: Մրցոյթի աւարտին, մրցանակը [...]
October 31st, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԽԱՐ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստանի սահմանակից շրջաններուն մէջ գտնուող իսլամական վարժարանի մը վրայ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին տեղի ունեցած օդային յարձակումի մը զոհ գնաց առնուազն 80 հոգի, որոնք ըստ փաքիստանեան իշխանութեանց, իսլամ ծայրայեղականներ էին:
Սակայն, տեղացիներ դատապարտեցին բանակին այս ռմբակոծումը, պնդելով, թէ զոհերուն մեծ մասը 15-25 տարեկան անմեղ ուսանողներ էին:
Նկարին մէջ, Երկուշաբթի օրուան յարձակումի զոհերուն մէկ [...]
October 31st, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին խոստացան իրենց կարելին ընել բացայայտելու եւ պատժելու համար այն երիտասարդները, որոնք Կիրակիէն Երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին հանրակառք մը այրած էին եւ ձգած, որ կին մը այրի անոր մէջ։ Կինը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Իշխանութիւնները ոստիկաններու յատուկ ջոկատներ ղրկեցին հարաւային Մարսէյ քաղաքը, ուր տեղի ունեցած էր միջադէպը:
Ֆրանսայի [...]
October 31st, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Հաղորդած էինք, որ Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնակատարի պաշտօնին համար առաջադրուած էր ռումանահայ դիւանագէտ Վարուժան Ոսկանեանի թեկնածութիւնը:
Սակայն երէկ հաղորդուեցաւ, թէ Ռումանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վ. Ոսկանեան քաշած է իր թեկնածութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ըստ եւրոպական մամուլին, ան անցեալին գործակցած է ռումանական ապահովական սպասարկութիւններուն հետ եւ դրամական աջակցութիւն ստացած է գործարարէ մը:
Ոսկանեան կտրուկ կերպով [...]
October 31st, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՐԱԶԻԼԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ Պրազիլի նախագահ վերընտրուած է Լուիզ Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան, նախագական ընտրութեանց երկրորդ հանգրուանին ապահովելով քուէներուն 60.8 տոկոսը: Անոր մրցակիցը՝ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան թեկնածու Հերալտօ Ալքմին կրցած էր ապահովել քուէներուն միայն 39.2 տոկոսը:
Նկարին մէջ, համակիրներով շրջապատուած Լուլա կը պատասխանէ լրագրողի մը հարցումներուն:
October 31st, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Հաւիէ Սոլանա շաբաթավերջին Լիբանան կատարած իր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ շարք մը լիբանանցի ղեկավարներու հետ, որոնց շարքին էին խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը: Ան նաեւ առիթ ունեցաւ այցելելու հարաւային Լիբանան։
Սոլանա վարչապետարանին մէջ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց ընդարձակ հանդիպում մը. [...]
October 31st, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի հրամանագիրով, Հոկտեմբեր 30էն սկսեալ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս նշանակուած է Արմէն Լիլոյեան:
Ա. Լիլոյեան ծնած է 1971ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքը: Ուսումը շարունակած է Լոնտոնի դիւանագիտական ակադեմիային մէջ՝ ստանալով Մագիստրոսի տիտղոս:
1995էն ի վեր, Լիլոյեան կը գործէ արտաքին [...]
October 31st, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՆՈՅԵԱՆ ՏԱՊԱՆ».- Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրների դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ Հոկտեմբեր 27ին կայացած հերթական հանդիպման ժամանակ, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը ողջունեց Եւրոպական նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս խորհրդակցութիւններու աւարտը եւ յայտարարեց, թէ 2007ի համապետական ընտրութիւններուն, Հայաստան պիտի հրաւիրուին թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ երկարաժամկէտ դիտորդական առաքելութիւններ:
Հանդիպման ընթացքին, յատուկ անդրադարձ եղաւ նաեւ յառաջիկայ համապետական [...]
October 31st, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալ Կամօ Արէեան Երկուշաբթի օր մամուլին յայտնեց, որ պիտի արդիականացուի եւ կանոնակարգուի մայրաքաղաքի հասցէաւորման համակարգը:
Արէեան նշեց, որ հասցէաւորման նախկին համակարգը ժամանակի ընթացքին ձեւափոխուած է եւ չ’արտայայտեր Երեւանի անշարժ գոյքի ներկայ վիճակը: Հասցէաւորման ճշգրիտ պատկերը կարեւոր է նաեւ բնակչութեան զանազան տեսակի ծառայութիւններ մատուցելու համար:
Երեւանի քաղաքապետի յանձնարարութեամբ, գոյքագրուած են Երեւանի [...]
October 31st, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ Եւրոմիութեան նորագոյն տեղեկագիրը, որ պէտք է հրապարակուէր Նոյեմբեր 8ին, արդէն իսկ մասամբ թրքական մամուլին ձեռքը անցած է եւ դիտել կը տրուի, որ այս տեղեկագրին մէջ եւս մօտաւորապէս կը կրկնուին բոլոր այն տեսակէտներն ու պահանջները, որոնք կային նախորդ տեղեկագրին մէջ։
Կ’ըսուի, թէ այս անգամ տեղեկագիրը աւելի կարճ պիտի ըլլայ ու հոն յատուկ [...]
October 31st, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի տարածքին սպանդը շարունակուեցաւ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, արիւնալի շաբաթավերջէ մը ետք:
Արդարեւ, Երկուշաբթի օրուան բախումներուն եւ պայթումներուն հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն 80 քաղաքայիններ, որոնցմէ 33ը սպաննուեցան Պաղտատի՝ շիիներով բնակեցուած Սատր շրջանին մէջ:
Նոյն օրը, ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ երկու ամերիկացի զինուորներ եւս սպաննուած են, այս ամսուան զոհերուն ընդհանուր թիւը 101ի հասցնելով:
Ամերիկեան բանակը [...]
October 31st, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հինգշաբթի, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահրամ Կաժոյեանի հրաւէրով, Աթէնքի ՀՀ դեսպանատան մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15ամեակը:
Ընդունելութեան ներկայ էին առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու պետերը՝ վեր. Վիգէն Չոլաքեան եւ Ռափայէլ վրդ. Շէֆիքեան: Ներկայ էին յունահայ գաղութի կառոյցներու եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ՝ Յունահայոց Ազգային վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական [...]
October 31st, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան ինը ամիսներուն Հայաստան ներածուած է 17,826 ինքնաշարժ: Այս մասին տեղեկացուցին մաքսային պետական կոմիտէի լրատուական ծառայութենէն եւ նշեցին, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ներածուած ինքնաշարժներու թիւը աւելցած է 3828ով:
Ըստ վիճակագրութեան՝ տարուէ տարի Հայաստան ներածուած ինքնաշարժներու թիւի աճ կը նկատուի: Եթէ 2001ին անոնց թիւը 5817 էր, 2002ին՝ 9995, 2003ին՝ 16,201, ապա [...]
October 31st, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեանի Հոկտեմբեր 30ի հրամանագիրով, Արցախի մշակոյթի քարոզչութեան գործին մէջ ունեցած մեծ ծառայութիւններուն համար, հասարակական գործիչ Զոյեա Սերկէյի Շաքարեանին շնորհուած է Արցախի մշակոյթի պատուոյ դեսպանի կոչում
October 31st, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «KarabakhOpen».- Հոկտեմբեր 28ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան KarabakhOpen լրատու կայքէջին տուած հարցազրոյցով ներկայացուցած է Արցախի գնահատականները Հոկտեմբեր 24ին Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը ամբողջութեամբ:
Հ.- Պարոն նախարար, ինչպէ՞ս է ԼՂՀ արտգործնախարարութիւնը գնահատում նախարարներ Օսկանեանի եւ Մամէտեարովի [...]
October 31st, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 27ին Ազգային ժողովի պատգամաւորները, աշխատակազմի ներկայացուցիչները եւ խորհրդարանին մէջ հաւատարմագրուած լրագրողները յարգանքի տուրք մատուցեցին 7 տարի առաջ նոյն օրը ահաբեկչութեան զոհ դարձած 8 պետական-քաղաքական գործիչներու յիշատակին:
Ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղուեցան խորհրդարանի բակի յուշակոթողին:
«Անկախ այն բանից, որ 7 տարի է անցել այս որբերգութիւնից, բայց մարդիկ, ովքեր ճանաչում էին այդ ահաբեկչութեան զոհերին, [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱԼ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ կայացող արհեստավարժ թենիսի «Տաւիտոֆ» մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ի երեկոյեան սուր պայքարէ մը ետք 6-7 (4-7), 6-3, 7-6 (9-7) արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանացի Ֆելիսիանօ Լոփէզի դէմ, քառորդ աւարտականին հասնելով:
Յայտնենք, թէ այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ Նալպանտեան իր 19րդ մրցումը կը կատարէր [...]
October 28th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրք գրող եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք հրաւիրուած է Եւրոխորհրդարան՝ ելոյթ ունենալու համար Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Թրենտ» գործակալութիւնը, Փամուքը Եւրոխորհրդարան հրաւիրելու առաջարկը բերած է Եւրոխորհրդարանի իտալացի պատգամաւոր Մարիօ Ռկեծիօ, որ ծանօթ է իր հայանպաստ հայեացքներով:
Օրհան Փամուք Թուրքիոյ մէջ քննադատութեան եւ նոյնիսկ դատական հետապնդումի ենթարկուած է Հայկական Ցեղասպանութեան մէջ Թուրքիոյ [...]
October 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Համշէնի եւ համշէնահայութեան, ներառեալ մահմետականացուած համշէնցիների պատմութիւնը շարունակում է մնալ մասնագէտների ուշադրութեան կենտրոնում։ Ժամանակակից թուրք պատմագրութիւնը, ինչպէս հայ ժողովրդի պատմութեան նկատմամբ առհասարակ, այս հարցում եւս մշակել է մերժողական եւ ապագիտական դիրքորոշում, որով ժխտում է համշէնահայութեան հայկական ծագումը, Համշէնի հայկական իշխանութեան պատմական գոյութիւնը, Համշէն տեղանուան հայերէն արմատները։ Միաժամանակ թուրք աղբիւրագէտները, ժամանակակից թուրքերէնի վերածելով Համշէնի եւ յարակից [...]
October 28th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Իտալիոյ Միլան գաւառի շրջանային խորհուրդը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականին Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող բանաձեւ մը:
Ինչպէս PanARMENIAN.Net-ին է հաղորդեց ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան, բանաձեւը որդեգրուած է՝ հակառակ Միլանի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ զայն խոչընդոտելու բուռն փորձերուն:
October 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հաղորդած էինք, որ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 30ին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Մոսկուա:
Երէկ հաղորդուեցաւ, որ նոյն օրը Քրեմլինի մէջ Հայաստանի նախագահը առանձնազրոյց պիտի ունենայ Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ:
Քոչարեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայէլ Ֆրատքովի եւ Մոսկուայի քաղաքապետ Եուրի Լուժքովի հետ:
Մոսկուայի մէջ նախագահ Քոչարեան [...]
October 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճափոնի կառավարութեան կողմէ յատկացուած դրամաշնորհով, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին տրամադրուեցան 400,000 տոլար արժողութեամբ ձայնային գործիքներ:
Ըստ Հայաստանի մէջ Ճափոնի նորանշանակ դեսպան Եասուօ Սայիթոյի, այս դրամաշնորհը տրամադրուած է մշակութային օժանդակութեան ծիրէն ներս: «Մենք ցանկանում ենք աջակցել Հայաստանում մշակութային կեանքի զարգացմանը, իսկ այս համալիրը մշակութային առաջադէմ կեդրոն է», յայտարարեց դեսպանը՝ կարեւոր համարելով տրամադրուած սարքաւորումներու [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՕԹԹԱՈՒԱ.- Հոկտեմբեր 27ին, Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Արիս Պապիկեան, յանձնախումբի անդամներ Ռուբէն Գույումճեան եւ Փօլ Տուզճեան, Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Թամ ՄըքՏանըլտի եւ նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ նախկին խորհրդային երկիրներու բաժանմունքի տնօրէն Փիեռ Կիմոնի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի Յանձնախումբը իր [...]
October 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՓԱՓԷԹ ՖԼԷԹ, Քալիֆորնիա, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, Լոս Անճելըսէն արեւելք գտնուող Փալմ Սփրինկզի մօտերը սկսած հրդեհ մը զսպելու փորձերը շարունակուեցան Ուրբաթ օր, աւելի քան հազար հրշէջներու կողմէ:
Հինգշաբթի յետմիջօրէին չորս հրշէջներ զոհ գացին «Սանթա Անա» հովերուն պատճառով արագօրէն տարածուող հրդեհին, մինչ ուրիշ մը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Տեղական իշխանութիւնները 100,000 տոլար խոստացան հրդեհը յառաջացնողին [...]
October 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ի կանուխ առաւօտեան ժամը 2ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին ժամացոյցները մէկ ժամ ետ պիտի տարուին, գործադրելու համար խնայողական ժամանակացոյցը: Նշենք, որ նոյն օրը Եւրոպական միութեան եւ Ռուսիոյ մէջ եւս, ժամացոյցները մէկ ժամ ետ պիտի տարուին: Իսկ Հայաստան ժամերը պիտի փոխուին Կիրակի կանուխ առաւօտեան ժամը 3ին: Այնպէս որ, Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ ժամերու տարբերութիւնը կը [...]
October 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի օղակաձեւ այգիի Տէրեան եւ Մոսկովեան փողոցներու հատման անկիւնին, տեղադրուեցաւ քանդակագործ Ռուբէն Առուչանի ստեղծած՝ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ հրեայ ժողովուրդի Ողջակիզման նուիրուած յուշարձանը:
Յուշարձանի բացման արարողութեան ժամանակ Հայաստանի հրէական համայնքի ռաբբի Կերշ Պուրշթէյն յայտարարեց, որ այս յուշարձանը կը յաւերժացնէ զարհուրելի աղէտներու հետեւանքով երկու ժողովուրդներու միլիոնաւոր զոհերու յիշատակը եւ նշեց, որ «ողբերգութիւնները, որոնք պատահեցին [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ֆրանսայի հայ բժիշկներու միութեան աջակցութեամբ կը նախատեսուի Գորիսի մէջ կառուցել տարածաշրջանային սրտաբանական դարմանատուն, որ պիտի սպասարկէ Սիւնիքի մարզին եւ Արցախին:
Ծրագիրը իրականացուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ: Ծրագիրի մանրամասնութիւնները քննելու նպատակով Հոկտեմբեր 30ին Հայաստան պիտի ժամանեն միութեան ներկայացուցիչները:
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 27ին իր հերթական հանդիպումը ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Քոչարեան ողջունեց եւրոպական նոր հարեւանութեան քաղաքականութեան ծիրէն ներս Գործողութիւններու ծրագիրի շուրջ խորհրդակցութիւններու աւարտը, եւ յոյս յայտնեց, որ Նոյեմբերին ան վերջնականապէս կ’ընդունուի եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները կը դառնան շատ աւելի համակարգուած: Հայկական կողմի [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի Յունուար 13-14ին Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի «Հայ-թրքական սահմանի բացման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները» խորագիրով միջազգային գիտաժողով՝ Հայկական միջազգային տնտեսական հետազօտութիւններու խումբ հասարակական կազմակերպութեան (AIPRG) նախաձեռնութեամբ:
Գիտաժողովի նպատակն է՝ քաղաքականութիւն մշակողներուն եւ հանրութեան ներկայացնել սահմանի բացման հնարաւոր օգուտները եւ կորուստները լուսաբանող մանրամասն վերլուծումներու շարք:
Ան պիտի չանդրադառնայ հայ-թրքական սահմանի հնարաւոր բացման լայն աշխարհաքաղաքական [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Տրամաբանութիւնը մեզի թոյլ կու տայ եզրակացնել, որ կոյր մը չի՛ կրնար կոյրի մը առաջնորդ ըլլալ, մանաւանդ որ Աւետարանին մէջ, Յիսուսի մտածողութեան յստակ մէկ պատկերացումով հաստատուած է այդ: «Եթէ կոյր կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան» (հմմտ Մտ. 15.14):
Հետաքրքրական է հարց տալ, թէ կոյրը կոյրին առաջնորդելու պարագային ո՞ւր կրնայ տանիլ զայն: Դարձեալ տրամաբանական ամէնէն [...]
October 28th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Ռուբէն Յովսէփեան յայտնեց, թէ կառավարութեան Հոկտեմբեր 26ի որոշումը, ըստ որուն գործող օրհներգ «Մեր հայրենիք»ը ի զօրու է մէկ տարի ժամկէտով՝ մինչեւ նոր քայլերգի երաժշտութիւնը եւ բառերը նոր օրէնքով սահմանելը, կը զօրացնէ գործող քայլերգի պաշտպանութիւնը:
Հոկտեմբեր 27ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին, Ռուբէն Յովսէփեան ընդգծեց նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը [...]
October 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հիւանդանոցային աղբիւրներ եւ ականատեսներ յայտարարեցին, թէ իսրայէլացի զինուորներ Հինգշաբթի օր սպաննած են երեք պաղեստինցիներ։
Ոստիկան մը սպաննուած է հարաւային Կազայի Խան Եունէս շրջանին մէջ, երբ իսրայէլացի զինուորներ գիւղը մուտք գործելով բախում ունեցած են ապահովական ուժերուն հետ։
Երկրորդ պաղեստինցին սպաննուած է աւելի ուշ՝ նոյնպէս Խան Եունէսի մէջ։
Հիւսիսային Կազայի Պէյթ Հանուն շրջանին մէջ զինեալներ նաեւ սպաննած [...]
October 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, հարաւային Աֆղանիստանի տեղական իշխանութիւնները բացայայտեցին, թէ վերջին քանի մը օրերուն շրջանին վրայ սաստկացած ՆԱԹՕի յարձակումներուն զոհ գացած են մօտաւորապէս 30 քաղաքայիններ:
ՆԱԹՕի աղբիւրները նախ հաղորդած էին, թէ իրենց ռմբակոծումներուն զոհ գացած են 48 աֆղաններ, որոնք «Թալեպան»ի անդամներ էին, սակայն աւելի ուշ ընդունած են, թէ զոհերուն մէկ մասը անմեղ քաղաքայիններ էին:
[...]
October 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2 տարի տեւած վերասարքաւորման աշխատանքներէն յետոյ, Հոկտեմբեր 26ին աշխատելու վերսկսաւ հայ-ռուսական միացեալ «Ռուսալ-Արմէնալ» ընկերութիւնը: Շուրջ 80 միլիոն տոլարի ներդրումներու արդիւնքով ամբողջ հզօրութեամբ աշխատելու պարագային, գործարանը պիտի արտադրէ տարեկան 25 հազար թոն փայլաթիթեղ, որ 2.5 անգամ աւելի է վերագործարկումէն առաջ ունեցած ծաւալներէն:
Արտադրուող 25 հազարին 18 հազարը պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ ամենամեծ պահանջ ունեցող [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայերը պէտք է սթափ գնահատեն այլ երկիրներու քայլերը Հայաստանի հանդէպ եւ չտառապին այլասիրութեամբ, յայտարարեց Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Ալվարդ Պետրոսեան Հոկտեմբեր 27ի ասուլիսի ընթացքին: Օրինակ, ըսաւ ան, Հայոց Եղեռնի ժխտման համար պատիժ սահմանելու Ֆրանսայի խորհրդարանի որոշման կապակցութեամբ հայութիւնը երախտագիտութեամբ լեցուած է Ֆրանսայի հանդէպ, սակայն անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ «եթէ ֆրանսական [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Խնդրեմ մեր ընթերցողներուն ներկայացուցէք պոլսահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ոչ պաշտօնական տուելաներու համաձայն՝ պոլսահայութեան եւ Թուրքիոյ գաւառահայութեան ներկայ թուաքանակը կը գնահատուի 60 հազարով: Մեծամասնութիւնը անշուշտ Պոլսոյ մէջ:
Պոլսոյ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան թիւը 4000 է, սակայն թիւը հետզհետէ կը պակսի:
Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար Թուրքիոյ վրայ դրուած պայմաններուն իբրեւ արդիւնք, վերջին տարիներուն յաւելեալ ազատութիւններ տրուեցան հայկական [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Կարօ Յովասափեան Սեպտեմբեր 6, 2006ին Նոյ Նահապետին հետեւեցաւ եւ Արարատի գագաթին վրայ ծածանեցուց Եռագոյն դրօշը:
Հոկտեմբեր 11, 2006ին «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի առաջինէն մինչեւ հինգերորդ կարգի աշակերտները պատիւը ունեցան վայելելու վերջին անգամ Արարատի գագաթին գտնուող լեռնագնացը՝ Կարօ Յովասափեանը:
Յովասափեան Մասիս բարձրացաւ ռուսական խմբակի մը հետ, Արեւմտահայաստանի Պայազիտ շրջանէն:
Աշակերտները «Սողանալեան» սրահ ուղղուեցան, ուր [...]
October 28th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտական մամուլը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հաղորդեց, թէ «Համաս»ի կողմէ գերի բռնուած իսրայէլացի զինուորը պաղեստինցի բանտարկեալներով փոխանակելու համաձայնութիւն մը մօտալուտ է, եւ այս նպատակով «Համաս»ի ղեկավար Խալէտ Մեշաալ շատ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթ Եգիպտոս այցելէ: Իսրայէլացի զինուորը Յունիս 25ին ձերբակալուած էր:
Կազայի մէջ, «Համաս»ի բանբեր մը ընդունեց, թէ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ հասած են «վճռորոշ [...]
October 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հոկտեմբեր 21, 2006ը Ֆրեզնոյի մշակութային կեանքին մէջ պիտի յիշուի որպէս անկիւնադարձային օր: Արդարեւ այդ օր «պայթեցաւ» այն անակնկալը՝ շուրջ 40 անդամներէ բաղկացող այս կոկոն պարախումբը, որ իր ելոյթը ունեցաւ 500 աթոռնոց Fresno Veterans Auditorium-ի մէջ: Սրահը լեցուն էր պատէ պատ, որոշեալ ժամը 7էն իսկ առաջ:
40 թիւը պատմութեան մէջ ունեցած է յաջողութեան բնորոշում մը, ինչպէս [...]
October 28th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտերկիրէն մարդիկ դրամական փոխանցումներ կը կատարեն Հայաստան այն պատճառով, որ սկսած են աւելի վստահիլ այս երկիրին: Այս մասին Հոկտեմբեր 27ին տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռաճըր Ռապինսըն՝ անդրադառնալով Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքին մէջ դրամական փոխանցումներու մեծ տոկոսին եւ ընդգծեց անոնց կարեւորութիւնը տնտեսութեան համար:
«Հայաստանից դուրս գտնուող շատ հայեր [...]
October 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 21ին, ամերիկահայութիւնը խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարեց բացումը Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի նոր կեդրոնատեղիին, ներկայութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի, ինչպէս նաեւ գաղութային քաղաքական ու կրօնական ղեկավարներու:
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի սրտին վրայ գտնուող արդիական շէնքը այժմ կը հանդիսանայ այն կեդրոնը, ուրկէ կարելի պիտի ըլլայ ընդարձակել ամերիկահայութեան քաղաքական դերակատարութիւնը Ամերիկայի մէջ:
Նախ քան [...]
October 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Հոկտեմբեր 26ին ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան ընդունեց տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող գերմանական «Մարշալ» հիմնադրամի հակամարտութեան գծով փորձագէտներու խումբը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականներու աշխատակազմի ներկայացուցիչներ:
Հանդիպման ընթացքին նախարար Օսկանեան բարձր գնահատեց հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ անոր մնայուն յարաբերութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն իրարու քաղաքականութեան տարբեր ուղղութիւններուն աւելի [...]
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱԼ, «Ռոյթըրզ».- Զուիցերիոյ մէջ կայացող արհեստավարժ թենիսի «Տաւիտոֆ» մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ երկրորդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ի երեկոյեան 6-2 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց խրուաթ Ռոքօ Քարանուսիչի դէմ, երկրորդ հանգրուան հասնելով:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Չորեքշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին:
October 27th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՀՌՈՄ, «Եուրոփոլիթիքս».- Իտալական «Քորիէրէ տելլա սերա» թերթին մէջ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ, Եւրոպական միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Հոզէ Մանուէլ Պարոսօ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ անդամակցութեան բանակցութիւնները կրնան կասեցուիլ, որովհետեւ Թուրքիա լրջութեամբ չի մօտենար բարեկարգումները արագացնելու եւրոպական պահանջներուն:
Ան կը շեշտէ, թէ Թուրքիոյ մէջ բարեկարգումները ընթացքը [...]
October 27th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երեխաներուն եւ դեռահասներուն բարկութիւնը բաւականին տարածուած է եւ իր սահմաններէն ներս բնական երեւոյթ մը կը համարուի: Այս իրականութեան առջեւ սակայն ծնողներու մօտեցումը չափազանց կարեւոր է՝ սանձելու համար այդ րոպէները: Մասնագէտ հոգեբաններ կարգ մը խորհուրդներ կ’առաջարկեն երեխաներու բարկութեան մասին:
Ի՞նչ է բնական բարկութեան վիճակը:
Հոգեբան մը կը հաստատէ, թէ վերջերս հանդիպած է հօր մը, որ ունի [...]
October 27th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի ընտանեկան բժշկութեան գրասենեակներուն, գիւղական եւ քաղաքային դարմանատուներուն մէջ այժմ կ’աշխատին 320 ընտանեկան բժիշկներ եւ 440 ընտանեկան հիւանդապահուհիներ: Առողջապահութեան համակարգի արդիականացման 25.5 միլիոն տոլար արժէքով վարկային քառամեայ ծրագիրի կարեւոր մասերէն է ընտանեկան բժշկութեան զարգացումը, որուն համար կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան միջեւ 2004ին կնքուած համաձայնագիրով յատկացուած է 7.1 միլիոն տոլար:
Այս մասին յայտնեց [...]
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Canadian-Turkish Advocacy Group-ի եւ Քանատայի թրքական դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական հովանաւորութեամբ, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, Օթթաուա, Նոյեմբեր 3ին տեղի պիտի ունենայ «Turkey in the World: Implication for Canada» խորագրով գիտաժողով մը, որուն ընթացքին «The Ottoman Armenian Question» նիւթը պիտի ներկայացնէ Մեծ Եղեռնը ուրացող պատմաբաններու դրօշակիրներէն՝ ամերիկացի պատմաբան Կունթըր Լէուի:
[...]
October 27th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 11, 2006ին վարժարանիս աշակերտութիւնը առիթը ունեցաւ լսելու Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը՝ կրօնաբարոյական զրոյց-դասախօսութեան մը ընթացքին: Այս տարեշրջանին, ասիկա երկրորդ դասախօսական հանդիպումն էր երկրորդական կարգերու աշակերտութեան համար: Հերթականօրէն՝ 9-10 եւ 11-12 րդ կարգերու աշակերտները ուղղուեցան «Սողանալեան» սրահ եւ 50 վայրկեաններ իրենց մտքերը զարգացուցին եւ զրուցեցին չափազանց կարեւոր նկարագրային նիւթերու եւ այժմէական ու կրօնական հարցերու [...]
October 27th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաց-աբխազական սահմանը ապօրինաբար անցնելու համար Վրաստանի մէջ ձերբակալուած Հայաստանի մօտ 30 քաղաքացիներ արդէն ազատ արձակուած են: Այս մասին Հոկտեմբեր 25ին յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանի ընթացքին:
Նախարարը նշեց նաեւ, որ 3 քաղաքացիներ տակաւին ձերբակալուած կը մնան, եւ անոնց հարցը եւս յառաջիկային կը լուծուի:
Նշենք, որ ձեբակալութիւնները կատարուած են ըստ [...]
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին, Թիֆլիս ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է Ռուսիոյ մէջ վրացիներու դէմ առնուած քայլերուն պատճառով, պնդելով, թէ ռուսական այդ քայլերը «ցեղային հալածանք»ի համազօր են:
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, Ռուսիա կ’ոտնակոխէ ապօրինի միջոցներով Ռուսիա մուտք գործած վրացիներու տարրական իրաւունքները:
Հակառակ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու [...]
October 27th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈՒՔՐԷՇ, «Արմէնփրէս».- Ռումանիոյ վարչապետ Քալին Փոփեսքու Տարիչեանու Եւրոյանձնաժողովէն ներս իր երկրի ներկայացուցիչ նշանակեց հայազգի դիւանագէտ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանը: Ան 48 տարեկան է:
Վարուժան Ոսկանեան նաեւ կը գլխաւորէ Ռումանիոյ Հայերու ազգային միութիւնը: Անոր թեկնածութիւնը պէտք է հաստատուի Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսոյի եւ Եւրոխորհրդարանին կողմէ:
Վարուժան Ոսկանեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար 1ին, երբ Ռումանիա պաշտօնապէս կը [...]
October 27th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Որոշ փոփոխութիւններով, Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ ՀՀ օրհներգին առնչուող օրինագիծին, որ սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուի Ազգային ժողով: Կառավարութիւնը անընդունելի համարեց օրհներգի բառերու եւ երաժշտութեան մրցութային յանձնաժողովի որոշման հիման վրայ ընտրուած երաժշտութիւնը առանց բառերու ընդունիլը:
Որոշուեցաւ օրհներգի օրինագիծը ընդունիլ անցումային դրոյթով եւ գործող օրհներգը «Մեր հայրենիք»ը, ի զօրու պահել մէկ տարի ժամկէտով՝ մինչեւ նոր [...]
October 27th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Պուքրէշ լոյս տեսնող «Նոր Կեանք» ամսաթերթի Յուլիս-Օգոստոս թիւերէն կ’իմանանք, որ Յուլիս 8ին, Պուքրէշի «Տուտեան» մշակոյթի տան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Ռումանիոյ Հայոց միութեան հինգերորդ համագումարը՝ աւելի քան հարիւր պատուիրակներու մասնակցութեամբ:
Բացման խօսքը ուղղած են Տիրայր արք. Մարտիկեան եւ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Եղիշէ Սարգսեան:
Համագումարին ներկաները լսած են զեկոյցներ, ինչպէս նաեւ Վարուժան Փամպուխչեանի ելոյթը՝ [...]
October 27th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Լոսանճելըսահայ վարսայարդար Վլատիմիր Մկրտչեան 2006 թուականի Յունիսին Մոսկուայի մէջ կայացած վարսայարդարներու համաշխարհային մրցոյթին գրաւեց երկրորդ տեղը: Վարսայարդար Վլատիմիր Մկրտչեան, որ ճանչցուած վարպետի անուն ունէր նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ, տարիներէ ի վեր կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ Լոս Անճելըսի մէջ: Ժամանակի հետ միշտ քայլ պահող եւ գեղեցիկի բացառիկ ընկալում ունեցող վարպետը երբեք չդադրեցաւ ստեղծագործելէ եւ միշտ անվարան [...]
October 27th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հոկտեմբեր 21ին, Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանատան կազմակերպութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15ամեակը, Omni Shoreham պանդոկին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին շուրջ հինգ հարիւր հիւրեր, որոնք ժամանած էին ԱՄՆ տարբեր նահանգներէ։ Ներկաներու շարքին էին Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքէն ներս գործող գլխաւոր կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Այնտեղ էին Հայ Դատի Յանձնախումբի, «Արմինեըն էսէմպլի»ի, [...]
October 27th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Հոկտեմբեր 24ին հացի գիները շեշտակիօրէն բարձրացան Չաւախքի մէջ:
Ախալքալաքի խանութներուն մէջ հացը սղած է 30%ով, նոյն չափով սղած է նաեւ ալիւրի գինը:
Չաւախք ալիւր ներկածողները սակերու բարձրացումը կը կապեն Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ սահմաններու փակման:
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Վերջին քանի մը տարիներուն եւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացին զուգահեռ, ամէն անգամ, որ Թուրքիոյ առջեւ յառաջ կը քաշուին ինքնասրբագրման եւ սեփական պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւրոպական ատեաններու պահանջները՝ Պոլսոյ պատրիարքը մեզ կը զարմացնէ իր առաքելութեան եւ կոչումին անյարիր յայտարարութիւններով։
Մենք հակուած չենք զարմացնող եւ երբեմն նոյնիսկ դատապարտելի այս ընթացքին ազգադաւութեան, գործակալութեան կամ այլ վիրաւորական բնութագրումներ [...]
October 27th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին խորհրդակցութեան ընդարձակ հանդիպումի մը հրաւիրեց լիբանանեան քաղաքական հոսանքներուն ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները, որպէսզի առաջքը առնուի Լիբանանի դէմ նիւթուող դաւերուն եւ լարուող թակարդներուն։ Պըրրի, յառաջիկայ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին գումարուելիք հանդիպումին հրաւիրեց լիբանանցի ղեկավարները, ներողութիւն խնդրելով, որ այս խորհրդակցութեան համար հարկ եղած հաղորդակցութիւնները չէ կատարած քաղաքական տարբեր հոսանքներու [...]
October 27th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հաղորդեց, թէ ամերիկացի հինգ զինուորներ եւս սպաննուած են Իրաքի Անպար նահանգին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներու ընթացքին, այս ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 96ի հասցնելով:
Նաեւ, Պաքուպայի մէջ ոստիկաններու վրայ յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուեցան վեց իրաքցի ոստիկաններ, իսկ նոյն քաղաքին մէջ այլ ոստիկանատան [...]
October 27th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 26ին Ազգային ժողովը աւարտեց քառօրեայ նիստերու աշխատանքը՝ առկախ ձգելով նոյն օրը քննարկուած մէկ տասնեակ օրինագիծերու եւ օրէնսդրական փաթեթներու ընդունումը:
Հասարակութեան եւ պետութեան կարիքներու համար սեփականաշնորհման վիճայարոյց օրէնսդրական փաթեթի քննարկման կը մասնակցէին մէկ ու կէս տասնեակ պատգամաւոր՝ մեծամասնութիւնը ընդդիմութենէն եւ «ՄԱԿ» խմբակցութենէն, սակայն յաջորդ հարցերը ներկայացուեցան գրեթէ դատարկ դահլիճի մէջ՝ առանց քննարկումի:
[...]
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ս. Էջմիածինի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Կանթեղ» ամէնամեայ գրական մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ թագմանիչներ Ռուբէն Ղուլեանին, Սամուէլ Մկրտչեանին, լիթուացի բանաստեղծ Սիկիդաս Կետային եւ Մարիէթա Գոնթրիմայտէին:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղար Դաւիթ Մուրադեան եւ նշեց, որ Ռ. Ղուլեանին մրցանակը շնորհուած է Տանթէի «Աստուածային կատակերգութիւն» եռագրութեան, Ս. Մկրտչեանին՝ անկլօ-ամերիկեան գրականութենէն, Ս. Կետային [...]
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, Գերմանիոյ իշխանութիւնները խոստացան հետապնդել ու պատժել այն զինուորները, որոնք լուսանկարուած էին Աֆղանիստանի մէջ գանկերու հետ խաղալու ընթացքին: Լուսանկարները գայթակղութիւն մը ստեղծած են Գերմանիոյ տարածքին:
Գերմանացիները մաս կը կազմեն Աֆղանիստան հաստատուած ՆԱԹՕի խաղաղապահ ուժին:
Նկարին մէջ, գերմանացի մը կը կարդայ «Պիլտ» թերթը, որու առաջին էջին վրայ զետեղուած է խնդրոյ առարկայ լուսանկարներէն [...]
October 27th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1».- Հոկտեմբեր 27 եւ 28ին Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիան մեծ շուքով պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 60ամեակը: Այս երկու օրերու ընթացքին տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ. ակադեմիայի շէնքին մէջ պիտի զետեղուիի ակադեմիայի հիմնադիր Արա Սարգսեանի կիսանդրին, այնուհետեւ պիտի ցուցադրուին ուսանողներու աշխատանքները, իսկ Հոկտեմբեր 28ին ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ:
Ակադեմիան մասնաճիւղեր ունի [...]
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Եթէ կ՚ուզես նոր բան մը ըսել մարդկութեան, պատմէ ընտանիքիդ մասին, եւ քիչ մըն ալ՝ քու մասիդ»: Համաշխարհային գրականութեան մէջ գոյութիւն ունի այսպիսի ուղղութիւն մը, որ հայ գրականութեան մէջ շատ քիչ օգտագործուած է՝ ի մտի ունենալով, որ մեծ գրողները վերջ ի վերջոյ կը գրեն իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն ինքնակենսագրութիւնը: Վերջին փաստը՝ համաշխարհային մեծ համբաւ ունեցող քոլոմպիացի [...]
October 27th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 26ին հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտող Ֆրանսայի դեսպան Անրի Քիւնիի հետ:
Նախագահի Հոկտեմբեր 25ի հրամանագիրով, հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ իր ներդրումին համար, դեսպան Քիւնի պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» շքանշանով:
Դիւանագէտին յանձնելով պարգեւը, նախագահ Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ գործակցութեան համար եւ նշեց, [...]
October 27th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Ցարդ իր ամենախիստ ոճը գործածելով, Կիպրոսի նախագահ Թասսոս Փափատոփուլոս Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին յայտարարեց, թէ Եւրոպական միութեան անդամակցելու փորձ կատարող Թուրքիոյ համար «լուրջ հարց» պիտի ծագի, եթէ Անգարա մերժէ կատարել Կիպրոսի հանդէպ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Կիպրոսի նախագահը շեշտեց, թէ Թուրքիա ոչ մէկ իրաւունք ունի իր պայմանները պարտադրելու Եւրոպական միութեան, յիշեցնելով, թէ Թուրքիան է, որ [...]
October 26th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկահայ բարերարուհի եւ հասարակական գործիչ, բանաստեղծ Ժենիա Այդինեան Ռզայէ (Միացեալ Նահանգներ) Հայաստանի մէջ գործող «Ֆրիտեոֆ Նանսէն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի որոշմամբ արժանացած է խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ֆրիտիոֆ Նանսէնի (1861-1930) ոսկէ յուշամետալին՝ իր հասարակական-մարդասիրական գործունէութեան համար:
Հոկտեմբեր 25ին աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մէջ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին, պարգեւը յանձնուեցաւ Ժ. Այդինեան Ռզայէին:
Պարգեւատրումէն առաջ, [...]
October 26th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի նախագահ եւ բանակի գլխաւոր հրամանատար Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 23-24ին այցելեց շարք մը սահմանային դիրքեր:
Այցի նպատակն էր ծանօթանալ սահմանային դիրքերու մարտական պատրաստուածութեան:
Այցի ընթացքին գլխաւոր հրամանատարը հետեւեցաւ մարզումներու ընթացքին, զրուցեց սպաներուն եւ զինուորներուն հետ, ծանօթացաւ անոնց կենցաղային պայմաններուն:
October 26th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան փոքրամասնութեան ղեկավար Նենսի Փելոսի (Դ., Քալիֆորնիա) երէկ խոստացաւ իր զօրակցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին, յառաջիկայ՝ 110րդ Քոնկրէսէն ներս:
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն, եթէ դեմոկրատները մեծամասնութեան տիրանան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, Նենսի Փելոսի պիտի ըլլայ անոր խօսնակը, փոխարինելով հանրապետական Տենիս Հեսթըրթը:
Նենսի Փելոսի «Քալիֆորնիա քուրիըր»ի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանին յղուած յայտարարութեամբ ըսաւ, [...]
October 26th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Յուլիս 3ին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի «Տուտեան» գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ցեղասպանութենէն վերապրած Մաթոսեան ընտանիքի յետնորդներէն՝ փրոֆ. Սիլվիա Պուրտեայի հետ, որ ծանօթ է «Արարատ» հրատարակչութեան համար կատարած թարգմանական աշխատանքին համար: Այս աշխատանքին արգասիքն է Հանրի Վերնոյի «Մայրիկ»ը եւ «Վարդանի ձին», Այտա Ազնաւուր Կառվարենցի «Եղբայրիկ»ը, Շարլ Ազնաւուրի «Անցեալ ժամանակները», ինչպէս նաեւ վերջերս հրատարակուած «Գալուստ [...]
October 26th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- «Թուրքիան պէտք չէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆրանսական խորհրդարանին ընդունած օրինագիծը շահագործէ, իբրեւ Թուրքիոյ մէջ արտայայտուելու ազատութեան սահմանափակումները պահպանելու արդարացում», յայտարարեց Անգարայի մէջ Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչ Հանս Եորկ Քրեչմէր։
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցի մը մէջ Քրեչմէր ընդգծեց, որ «ֆրանսական օրինագիծը կ՚արգիլէ որոշակի յայտարարութիւն մը կատարելը, այսինքն՝ Ցեղասպանութիւնը ուրանալը, մինչդեռ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301րդ [...]
October 26th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
Քիւրտ պատմաբան դոկտ. Քէամալ Մահզար Ահմատի հեղինակած գիրքն է «Քիւրտիստանը՝ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», որ քրտերէնէ պարսկերէնի թարգմանած է նոյնպէս ծագումով քիւրտ դոկտ. Ռաուֆ Քեարիմին:
Փաստագրական աշխատութիւնը իրմէ արժէք կը ներկայացնէ առաւելաբար այն առումով, որ գիրքի հեղինակը քիւրտ պատմաբան է, իսկ իր հեղինակած գիրքի բովանդակութիւնը յատկապէս հայութեան ու ի մասնաւորի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին [...]
October 26th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն խորապէս կը սգայ իր գրասենեակի անձնակազմի նախկին անդամներէն, հաւատաւոր դաշնակցական Յարութիւն Բարսեղեանի մահը եւ այս առիթով կը ցաւակցի անոր զաւկին՝ ընկ. Շանթ Բարսեղեանին եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն:
October 26th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 25ին, փոխըմբռման յուշագիր ստորագրուեցաւ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջեւ: Ըստ նշեալ յուշագիրի, կողմերը սերտօրէն պիտի գործակցին Հայաստանի գիւղական բնակավայրերուն մէջ չքաւորութեան յաղթահարման ուղղուած ծրագիրներու շրջանակներով:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ ՄԱԶԾի մշտական ներկայացուցիչ Քոնսուելօ Վիտալ եւ նշեց, որ գիւղական չքաւորութեան վերացումը Հայաստանի կառավարութեան եւ ՄԱԿի մտահոգութեան առարկան [...]
October 26th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ոկտեմբեր 15ին, Մէսէչուսէց նահանգի զանազան քաղաքներէ ժամանած հայորդիներ հաւաքուեցան Սէմ եւ Այտա Պճաքեաններու բնակարանին մէջ եւ 30,000 տոլար հաւաքեցին ի նպաստ նահանգապետի եւ փոխնահանգապետի թեկնածուներ՝ Տիւվէլ Փաթրիքի եւ Թիմ Մըրրիի։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէին Ճորճ Քըվըրեան, Փիթըր Քութուճեան, Ռէյչըլ Գաբրիէլեան, Ճոյս Աղճայեան, Շահրիստան Արտհալճեան, Էլօ Արթինեան, Նանսի Պարսամեան, Այտա Պճաքեան, Հուրի Պոյամեան, Արեւ Տէր Վարդանեան, Լինտա [...]
October 26th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Միացեալ Նահանգներու Վըրճինիա նահանգին մէջ հաստատուած Միջազգային ռազմագիտական ուսմանց հաստատութիւնը (International Strategic Studies Association) հրապարակած է տեղեկագիր մը, ուր կ’ըսուի, թէ Թուրքիա 1974ին հիւսիսային Կիպրոս ներխուժելէ ետք գերի բռնած կիպրացի յոյներուն վրայ քիմիական փորձարկումներ կատարած է:
Ըստ տեղեկագրին, քիւրտեր, բայց նաեւ թուրքեր, յայտնած են թէ «1974ին թրքական ներխուժման ժամանակ գերի բռնուած յոյն զինուորներ [...]
October 26th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայ Դատի յենասիւնը» գիրքի շնորհահանդէսով Հոկտեմբեր 20ին եզրափակուեցաւ նորվեկիացի գիտնական, բեւեռախոյզ, մարդասէր, հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ֆրիտեոֆ Նանսէնի ծննդեան 145ամեակին նուիրուած 10օրեայ միջոցառումներու շարքը:
Գիրքի հեղինակ, «Ֆրիտեոֆ Նանսէն» հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեանը նշեց, որ մեծանուն գիտնականին նուիրուած առաջին ծաւալուն աշխատութիւնը՝ «Նանսէնը եւ Հայաստանը», գրած է պատմաբան Մակիչ Արզումանեանը: Այս գիրքը իր ծաւալով [...]
October 26th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Անցած շաբաթ վերջնականապէս պարզուեց, որ Ռուսաստանը գնել է, աւելի ճիշդ՝ մինչեւ Յունուարի մէկը կը գնի (գործընթացի մէջ է) Հայաստանի համար ռազամավարական նշանակութիւն ունեցող ուժանիւթի վերջին աղբիւրը եւս՝ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Իրան-Հայաստան կազատարի 40 քիլոմեթրանոց հայկական հատուածը: Դեռ գարնանը, երբ ռուսական կողմին փոխանցուեց Հրազդանի ջերմաելեքտրակայանի հինգերորդ պլոքը, յամառ լուրեր տարածուեցին, որ Ռուսատանը, աւելի որոշակի՝ «Հայռուսկազարդ» [...]
October 26th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան Հոկտեմբեր 25ին ընդունեց Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի պաշտօնաւարտ տնօրէն Ռ. Ռապինսընը եւ զայն պատուեց շքանշանով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով չորսուկէս տարուան միասին արդիւնաւէտ աշխատանքին համար, նախարար Լոքեան նշեց, որ Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը Համաշխարհային դրամատան աջակցութեամբ լուրջ բարեփոխումներու ընթացք անցած է: Ռ. Ռապինսընի պաշտօնավարման ընթացքին աւարտած է Համաշխարհային դրամատան գիւղատնտեսական ոլորտի մէկ կարեւորգոյն [...]
October 26th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ս. Փեթերսպուրկի Քալինինի շրջանին մէջ սպաննուած է Պելկորոտի շրջանի բնակիչ, ազգութեամբ հայ, 46ամեայ Հենրիկ Վարդապետեանը:
Ան Ս. Փեթերսպուրկ ապրած է մօտ 4 տարի, նախնական տուեալներով, կը զբաղէր շինարարութեամբ: Ան խանութէն վերադառնալու ընթացքին սպաննուած է:
Երկու յարձակողները, վկաներու համաձայն, զինք սպասեր են բաւական երկար: Մօտենալով զոհին Օլկա Ֆորշի փողոցի 15րդ շէնքի մօտ՝ մարդասպանները կրակած են երեք [...]
October 26th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ, ՏԵՆՎԸՐ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատուիրակութիւններ վերջերս քաղաքական հանդիպումներու շարք մը ունեցան քոնկրէսականներ Հենրի Ուաքսմանի (Դ., Քալիֆորնիա), Թոմ Թանքրետոյի (Հ.), Տայէնա տը Կէթի (Դ.) եւ Մարք Ուտալի (Դ.) հետ (վերջին երեքը Քոլորատոյէն):
Ուաքսմանի հետ հանդիպումը կայացաւ անոր Լոս Անճելըսի գրասենեակէն ներս: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յանձնախումբի գաղութային յարաբերութեանց գրասենեակի պատասխանատու Հայկ Յովսէփեան, ինչպէս [...]
October 26th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Դեկտեմբեր 13ին Պրիւքսէլի հրէական լսատեսողական յիշողութեան հիմնարկի (L’Institut de la Memoire Audiovisuelle Juive) եւ Սեֆարատի եւրոպական հիմնարկի (L’Institut Sepharade Europeen) կողմէ կազմակերպուած է Լորանս Ժուրտանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որմէ ետք պիտի կայանայ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում՝ հասարակական-քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ: Լուրը կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
October 26th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հոկտեմբեր 13ին, Universite de Montreal-ի «Լիոնէլ Կրու» մասնաշէնքին մէջ, առաւօտեան ժամը 11:30ին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մօտ Քանատայի դեսպան Իվ Պրոտէօրի դասախօսութիւնը՝ «Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ անոր առնչուող հարցեր» նիւթով: Ան կը կայանար խորհրդաժողովի մը ծիրէն ներս, որ կազմակերպուած էր նոյն համալսարանի Միջազգային ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութեանց կեդրոնին (CERIUM) կողմէ:
Սոյն ձեռնարկին մասնակցեցան Քանատայի Հայ Դատի [...]
October 26th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Յուլիս 1, 1846ին, Պոլսոյ մէջ հիմնուած է Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին: Այս տարի կը տօնակատարուի անոր 160ամեակը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, զանազան ձեռնարկներով: Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցին անցեալ տարի մեծ շուքով տօնեց հիմնադրութեան 45ամեակը եւ այս տարի 17-19 Նոյեմբերին պիտի տօնէ 46րդ տարեդարձը: Փառաբանական տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2006ին, երեկոյեան ժամը 7ին. [...]
October 26th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին զայրոյթով արտայայտուեցաւ մէկ օր առաջ ամերիկացի ղեկավարներու կատարած այն յայտարարութիւններուն նկատմամբ, թէ Իրաքի իշխանութիւնները խոստացած են բռնարարքները զսպել 12-18 ամիսէն, պնդելով, թէ նման պայմանաժամեր չեն կրնար պարտադրուիլ Իրաքի իշխանութեանց վրայ եւ միայն Պաղտատի կառավարութիւնը իրաւունք ունի նման որոշումներ տալու:
Ան նաեւ խստօրէն քննադատեց Չորեքշաբթի օր [...]
October 26th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան, աւելին՝ առանց արցախցիներու կամքի արտայայտման, լուծում չի ստանար: Այսօր հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին նման համոզում յայտնեց փորձագէտ, քաղաքագէտ Լեւոն Մելիք Շահնազարեան եւ աւելցուց, որ հակառակ անոր, որ Հայաստան բանակցութիւններէն առաջ եւ յետոյ ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ կը քննէ իւրաքանչիւր դրոյթ, այնուամենայնիւ, ուշ կամ կանուխ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ԼՂՀի հետ [...]
October 26th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի վարչութիւնը Լոս Անճելըսէն հաղորդեց ցանկը Ամերիկայի մէջ գործող այն կայաններուն, ուրկէ պիտի սփռուի յառաջիկայ Գոհաբանութեան օրուան թելեթոնը: Այս կայաններու շարքին է նաեւ «Հորիզոն»ը (Չարթըրի թիւ 55 կայան՝ Կլէնտէյլի, Լա Քրեսէնթայի եւ Պըրպէնքի մէջ), Ամերիկայի մէջ գործող միակ հայկական կայանը, որու դիտողները առիթը պիտի ունենան հետեւելու թելեթոնին՝ քէյպըլի թէ արբանեակային սփռումի [...]
October 26th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստան հաստատուած եւ ՆԱԹՕի հրամանատարութեան ներքեւ գործող խաղաղապահ ուժին աղբիւրները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին հաղորդեցին, թէ վերջին երկու օրերուն հարաւային Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումներու ընթացքին սպաննուած են «Թալեպան»ի անդամ 38 զինեալներ եւ կարելի եղած է գրաւել 9 թոն հաշիշ:
Հարաւային Աֆղանիստանի մէջ Սեպտեմբերին սկսած ՆԱԹՕի զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին ցարդ աւելի քան 500 [...]
October 26th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ի գիշերը, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի միջամտութեան շնորհիւ կարելի եղաւ ազատ արձակել նոյն օրը առեւանգուած եւ աւելի քան 12 ժամ պատանդ պահուած սպանացի լուսանկարիչ մը, որ ամերիկեան «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան համար կ’աշխատէր: Ան 2004էն ի վեր առեւանգուած 11րդ լրագրողն էր Կազայի մէջ:
Նկարին մէջ, սպանացի լրագրողը (կեդրոնը) պաղեստինցի գաղտնի ոստիկաններու [...]
October 26th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
Արդարութեան հասնելու մէկ ու միակ ուղի չկայ. ընդհակառակն՝ ոլորապտոյտ են Արդարութեան տանող ճամբաները։ Բայց ինչպէս առածը կը հաստատէ, բոլոր ճանապարհներն ալ Հռոմ կը տանին…
Կարեւորը ճիշդ այդ՝ ուշ կամ կանուխ Արդարութեան հասնելու անխուսափելիութիւնն է։
Ընդհանուր այս օրինաչափութեան կը հետեւի նաեւ ու մանաւանդ 20րդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան նկատմամբ արդարութեան իրագործումը։
Որքան ալ ուրացման [...]
October 25th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Կիրակի, Հոկտեմբեր 22ին, Վասպուրականի հայրենակցական միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն, նուիրուած նորոգ հանգուցեալ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին:
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Արտակ քհն. Տէմիրճեան, Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք ներկաներուն եւ ձեռնարկը կազմակերպողներուն փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր գնահատանքն ու ողջոյնի խօսքը:
Օրուան հանդիսավար Յակոբ Մկրտչեան հակիրճ [...]
October 25th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Երիտասարդական ծրագրերին ուղղուած մօտ 300 մլն. դրամի կէսից աւելին ՀՀ կառավարութիւնը յատկացրել է մարզային երիտասարդական կենտրոններ ստեղծելու ծրագրի իրագործմանը: Սակայն մարզաբնակ երիտասարդներին իրենց ծննդավայրում պահելու համար, ինչը պետութեան համար պէտք է ունենայ ռազմավարական նշանակութիւն, միայն երիտասարդական կենտրոնները բաւարար չեն:
«Իմ կարծիքով, մարզային երիտասարդութեան համար առաջնայինը աշխատանքի խնդիրն է: Հարկաւոր է ստեղծել աշխատատեղեր, եւ հնարաւորին չափով [...]
October 25th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միջազգային առեւտրային դրամատունը (ՄԱԴ) (Հայաստան) դարձաւ KfW դրամատան բնակարանային ֆինանսաւորման կայուն շուկայի զարգացում վարկային ծրագիրի մասնակիցներէն մէկը: Ըստ դրամատան հաղորդագրութեան, կը սպասուի, որ KfWի ծրագիրը կարեւորագոյն խթան հանդիսանայ Հայաստանի ֆինանսական շուկայի այդ հատուածի զարգացման համար եւ տեղական դրամատուները մղէ յաճախորդներու վարկաւորման պայմաններու բարելաւման՝ շահատոկոսներու նուազեցման եւ վարկերու մարման ժամկէտներու երկարաձգման համար:
Միջազգային [...]
October 25th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի 31 համալսարաններ, գիտահետազօտական կեդրոններ եւ գիտական կազմակերպութիւններ միացած են տեղեկատուական Գիտական ցանցին, որ 2004էն կ’օգտագործուի Գիտութեան եւ առաջատար արհեստագիտութիւններու ազգային հիմնադրամի կողմէ: Այս մասին յայտնեց նշեալ հիմնադրամի նախագահ Յարութիւն Կարապետեան եւ նշեց, որ Երեւանի, Գիւմրիի, Աշտարակի եւ Բիւրականի մէջ տեղաբաշխուած գիտական հաստատութիւններու միջեւ արագագործ որակեալ կապը կ’ապահովուի մանրաթելային կապուղիներու ցանցով, որուն [...]
October 25th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 24ին Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Վարդան Օսկանեանի եւ Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան, «դրական մթնոլորտում անցած բանակցութիւնների ժամանակ շարունակուել են Հոկտեմբերի 6ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարների մոսկովեան հանդիպման ընթացքում համանախագահների կողմից առաջարկուած նոր գաղափարների ու [...]
October 25th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »