Home » November 30th, 2006Entries posted on “November, 2006”
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նոյեմբեր 17ին, Սանթա Մոնիքայի մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Հայ դատի Յանձնախումբի գործիչներ Լէոնարտ Մանուկեան եւ Մայքըլ Մահտեսեան տեսակցութիւն մը ունեցան ծերակուտական Ճօ Պայտընի հետ (Դ., Տելաուէր) ու անոր փոխանցեցին Յանձնախումբի տեսակէտներն ու կեցուածքները դեսպան առաջադրուած Ռիչըրտ Հոկլընտի կապակցութեամբ:
Պայտըն յառաջիկայ Ծերակոյտին մէջ պիտի գլխաւորէ Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովը, որու պարտականութիւններէն է դեսպաններու նշանակումը [...]
November 30th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, Եւրոպական միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովը առաջարկեց առնուազն մասնակիօրէն սառեցնել Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները, մինչեւ կարելի ըլլայ Թուրքիան համոզել, թէ պէտք է անմիջապէս յարգէ իր նաւահանգիստներն ու օդակայանները Կիպրոսի առջեւ բանալու իր խոստումը:
Ըստ Եւրոյանձնաժողովի առաջարկին, պէտք է բանակցութիւններ կատարուին 35 թղթածրարներէն ութին շուրջ եւ մինչեւ տագնապին լուծումը, պէտք չէ [...]
November 30th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Երաժիշտ Մանուկ Յարութիւնեան թխկենիի եւ տանձենիի փայտէ պատրաստած է «ջութ» կոչուող երաժշտական գործիքը, որ կը հանդիսանայ հայկական հնագոյն նուագարաններէն մէկը:
Ան յայտնեց, որ Դուինի պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած են ջութի տարբեր տեսակներ եւ համոզում յայտնեց, որ ջութակի եւ թաւջութակի ակունքները կապուած են Հայաստանի:
Նշենք, որ Յարութիւնեան 1984էն ի վեր կը զբաղի ազգային նուագարաններ [...]
November 30th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի ու Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի միջեւ Յորդանանի մէջ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին սկսելիք երկօրեայ խորհրդակցութիւնները վերջին վայրկեանին որոշուեցաւ մէկ օրով յետաձգել, մինչ հանդիպումին դէմ բողոքող շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատրի համակիր վեց նախարարներ եւ 30 երեսփոխաններ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, թէ որոշած են քաշուիլ կառավարութենէն ու խորհրդարանէն:
[...]
November 30th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Պենետիքթ ԺԶ. պապը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ի առաւօտեան Իզմիր ժամանեց, հոնկէ հասնելով Եփեսոսի Մարիամ Աստուածածնի աւերակ բնակարանին առջեւ կառուցուած մատուռը, ուր կը կարծուի, թէ Մարիամ մահացած է: Այլ վարկածի մը համաձայն, Մարիամ մահացած է Երուսաղէմի մէջ:
Փոքր մատուռին առջեւ, դարձեալ ապահովական խիստ պայմաններու ներքեւ, պապը 250 հրաւիրեալներու առջեւ պատարագ մատուցեց: Չորեքշաբթի երեկոյեան պապը [...]
November 30th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին միաձայնութեամբ որոշեց երկարաձգել Իրաքի մէջ գործող բազմազգեան ուժերուն առաքելութիւնը։
Խորհուրդը կ՚ընդառաջէր Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի յղած նամակին, որուն մէջ ան կը հաւաստէր, որ իր կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է ստանձնել ամբողջական պատասխանատուութիւնը երկիրին ապահովութեան եւ կայունութեան, սակայն կարիքը ունի յաւելեալ ժամանակի, եւ կը խնդրէ մէկ տարիով երկարաձգել աւելի քան [...]
November 30th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22ի կէսօրին, Արցախի նախագահ Արկատի Ղուկասեան ացելութիւն մը տուաւ Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքը եւ դիմաւորուեցաւ առաջնորդ սրբազանին ու Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներու կողմէ։ Նախագահին կ՚ընկերանային Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան եւ «Հայաստան» հիմնադրամի պատասխանատուներ։
Նախագահը շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութեան անդամները եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ նոր շէնքի բարեփոխման [...]
November 30th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հիմնախնդիրները, որոնք առաջանում են Սամցխէ-Չաւախք-Թռեղքում ռուսական ռազմախարիսխները դուրս բերելուց յետոյ, բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ են: Չմանրամասնելով այս ռազմախարսխում աշխատող հարիւրաւոր հայ ընտանիքների անդամների խնդիրը, որոնք կա՛մ դառնում են գործազուրկ, կամ տեղափոխւում են Ռուսաստան (երկու դէպքում էլ հարցը խիստ մտահոգիչ է), հարկ է նշել այստեղ առաջացող բարոյահոգեբանական մթնոլորտի մասին. ինչպիսի՞ն է լինելու ռազմախարիսխների դուրսբերումից յետոյ այդ զինուորական [...]
November 30th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԽԱՐԹՈՒՄ, «Ռոյթըրզ».- Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիր հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Խարթում իր համաձայնութիւնը տուած է Տարֆուրի մէջ ՄԱԿի խաղաղարար դերակատարութեան:
Տարֆուրի մէջ մարդասիրական աղէտին տարողութիւնը «չափազանցուած է», եւ ճիշդ չեն այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն՝ տագնապի զոհերուն թիւը կը տարուբերի երկու հարիւրէն չորս հարիւր հազարի միջեւ, ըսաւ նախագահը:
«Պետական ուժերուն, ապստամբներուն եւ ցեղախումբերուն միջեւ բոլոր [...]
November 30th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Էյ.Փի.».- Աշխարհի տարածքին կաշառակերութեան դէմ պայքարող Միջազգային թափանցիկութիւն կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութինի իշխանութեան օրերուն կաշառակերութիւնը եօթը անգամ բազմապատկուած է Ռուսիոյ մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ նախորդ նախագահ Պորիս Ելցինի իշխանութեան օրերուն եւս կաշառակերութիւնը տարածուած էր:
Ռուսիոյ ընդհանուր դատախազի տեղակալ Ալեքսանտր Պուքսման կ’ընդունի, թէ կացութիւնը յոյժ մտահոգիչ է եւ կ’աւելցնէ, թէ պետական [...]
November 30th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իրանի գիւղատնտեսութեան նախարարներ Դաւիթ Լոքեան եւ Մոհամմատ Ռեզա Էսքանտարի Նոյեմբեր 29ին ստորագրեցին անասնաբուժութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան համաձայնագիրներ: Նախարարներու ստորագրեցին նաեւ երկու երկիրներու գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր:
Փաստաթուղթերու ստորագրութենէն յետոյ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ Դ. Լոքեան նշեց, որ եթէ ցարդ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ Հայաստան կը գործակցէր Իրանի միայն [...]
November 30th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Նորութիւն չէ, եթէ ըսենք, որ մեր ազգի գոյատեւման, պահպանման եւ զարգացման հիմնական երաշխաւորները եղան հայ գիրը, գիրքը, եւ ընդհանրապէս մշակոյթը:
Հայ մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը հայերու, ուր որ ալ ապրին, ամենակարեւոր եւ գեղեցիկ պարտականութիւնն է:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի նոյնպէս տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն, բոլորը անխտիր, լծուած էին գեղեցկօրէն եւ համոզումով նշելու Մշակոյթի [...]
November 30th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ մը, Երեքշաբթի, 28 Նոյեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ որուն մաս կը կազմէին Ժան Գոսաքեան, Արթօ Քէօլէյեան եւ Գրիգոր Աչըգեան։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի առժամեայ գրասենեակին մէջ, Էնսինօ։ Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենար Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմի ընտրութեան լոյսին տակ։
[...]
November 30th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները դրական են գնահատել հանդիպումը ինչպէս մթնոլորտի, այնպէս էլ կառուցողական մօտեցումների առումով: Կարծում եմ՝ յառաջիկայ օրերի ընթացքում նախագահները մանրամասնօրէն ամէն ինչ կը վերլուծեն, որից յետոյ յստակ յանձնարականներ կը տրուեն արտգործնախարարներին՝ հետագայ անելիքների կապակցութեամբ», ըսաւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, վերլուծելով Նոյեմբեր 28ին Մինսքի մէջ տեղի ունեցած Քոչարեան-Ալիեւ հանդիպման արդիւնքները:
Ըստ [...]
November 30th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զօրավար Անդրանիկի սուրը եւ շքանշանները Նոյեմբեր 29ին յանձնուեցան Հայաստանի պատմութեան թանգարանին: Անոնք գնուած էին պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ՝ պետական միջոցներով՝ պաշտպանութեան նախարարութեան գումարներով:
«Ինձ էր դիմել Ֆրանսայի՝ ազգութեամբ հայ քաղաքացի, ասելով, որ մի բրիտանացի ցանկանում է վաճառել Անդրանիկի թուրը եւ մարտական պարգեւները: Բնականաբար, ես անտարբեր չէի կարող լինել: ՀՀ նախագահի հաւանութիւնը ստանալուց [...]
November 30th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով անձնասպանական արարքի մը թիրախ դարձան Աֆղանիստան հաստատուած ՆԱԹՕի խաղաղապահ ուժերը: Չորեքշաբթի օրուան յարձակումին զոհ գացին զինեալ մը եւ երկու քաղաքայիններ, մինչ ՆԱԹՕի ուժի անդամները վնասները չկրեցին:
Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած այլ յարձակումի մը զոհ գացած էին քանատացի երկու զինուորներ, իսկ Երեքշաբթի օրուան յարձակումին միակ զոհը անձնասպանութեան [...]
November 30th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի գիւղական ճանապարհներու վերանորոգման համար, Ասիական զարգացման դրամատունը պիտի տրամադրէ 30 միլիոն տոլարի վարկ:
Այս մասին դրամատան ու փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուեցաւ Նոյեմբեր 29ին: Ըստ նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի, նշուած գումարով պիտի վերանորոգուին ընդհանուր առմամբ 260 քիլոմեթր երկարութեամբ գիւղական ճանապարհներ:
Ա. Մանուկեան նշեց, որ վերանորոգման ենթակայ ճանապարհները պիտի որոշուին [...]
November 30th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի Նոյեմբեր 29ի արտահերթ նիստին, առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ (64 թեր, 6 դէմ, 4 ձեռնպահ) օրհներգի մասին կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը:
Մինչ քուէարկութիւնը, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեան պատգամաւորներուն ներկայացուց կատարուած փոփոխութիւնները, ուր օրինագիծի վիճայարոյց անցումային դրոյթին մէջ կը նշուի, թէ գործող օրհներգը՝ «Մեր հայրենիք»ը ուժի մէջ է մինչեւ օրհներգի բառերը [...]
November 30th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Դաւթեան եւ Մարիամեան» կրթական հաստատութիւնը արդէն աւանդոյթ է դարձրել՝ ամէն տարի Նոյեմբեր ամսին կազմակերպել յատուկ երեկոյ, գնահատելու եւ շնորհակալութիւն յատնելու բոլոր այն հաստատութիւններին, կազմակերպութիւններին, միութիւններին եւ անհատ-բարերարներին, որոնք բարոյական հովանաւորութեամբ եւ նիւթական նուիրատուութեամբ զօրավիգ են կանգնում հաստատութեան կրթական ծրագրերի վերելքին ու յարատեւութեանը։
Սոյն բացառիկ երեկոն կայացաւ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16ի երեկոյեան ժամի 5:30ին, Կլէնտէյլի Brandview Collection [...]
November 30th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 28ի իր արտահերթ նիստին, Ազգային ժողովը 2րդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան հեղինակած՝ նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին գործող օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու առնչուող օրինագիծը:
Ըստ ընդունուած փոփոխութիւններուն, 2007ի Յունուար 1էն սկսեալ, ամսական նուազագոյն աշխատավարձը կը սահմանուի 20,000 դրամ (մօտ 52.6 տոլար)՝ այժմ գործող 15,000 դրամի փոխարէն: Պիտի բարձրացուի նաեւ ժամականով վարձատրուողներու նուազագոյն [...]
November 29th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Շիրակի մարզպետ Ռոմիկ Մանուկեան Նոյեմբեր 27ին ընդունեց խումբ մը հաշմանդամ մանուկներ, որոնցմէ ընկերային հարցեր ունեցող 10 հաշմանդամ երեխաներ իր կողմէ ստացան դրամական օգնութիւն՝ Դեկտեմբեր 3ին նշուող Հաշմանդամներու միջազգային օրուան կապակցութեամբ:
Նշենք, որ մարզին մէջ կ’ապրին աւելի քան 1000 հաշմանդամ երեխաներ, որոնց հիմնական մասը ունի տեղաշարժման խնդիրներ: Թէեւ վերջին տարիներուն կատարուող շինարարութեան մէջ փորձուեցաւ [...]
November 29th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հայ Լուր».- Սրխաւենդի գումարտակի կազմաւորման 15ամեակի առիթով, նոյն գումարտակի վեթերան ազատամարտիկներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ: Հաւաքին կը մասնակցէր նաեւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Սէյրան Օհանեան: Ան իր արտասանած խօսքի ընթացքին նշեց, որ «պատերազմի տարիներին շատ եմ առնչուել տղաների հետ, եւ իրօք այդ գումարտակը միշտ կարողացել է իր առջեւ դրուած նպատակը իրակացնել [...]
November 29th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կը նախատեսուի, որ մինչեւ 2010 կառուցուի Երեւանի մեթրոյի նոր՝ Քիեւեանէն մինչեւ Աջափնեակ տանող գիծը: Այս մասին Նոյեմբեր 27ին յայտնեց Երեւանի փոխքաղաքապետ Ս. Աւետիսեան եւ նշեց, որ կայարանի կառուցման համար անհրաժեշտ է 27 միլիոն տոլար, որմէ մօտ 6 միլիոն տոլարի աշխատանքները արդէն կատարուած են:
November 29th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՔՈՒԻԹՕ, «Ռոյթըրզ».- Նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ Էքուատոր պիտի միանայ լատին ամերիկեան երկիրներու ձախակողմեան ակումբին, որուն արդէն մաս կը կազմեն Պոլիվիա, Պրազիլ, Արժանթին, Չիլի, Վենեզուէլլա եւ Քուպա։
Արդարեւ, Կիրակի օրուան ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ ցարդ համրուած քուէներուն համաձայն, Ուաշինկթընը մտահոգող թեկնածուն՝ Ռաֆայէլ Քորրէա, ստացած է մրցակիցին՝ «պանանի միլիառատէր» Ալվարօ Նոպոայի ստացած ձայներուն [...]
November 29th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԻՆՍՔ, «Նոյեան Տապան».- ԱՊՀ գերաստիճանի ծիրէն ներս, երէկ, Նոյեմբեր 28ին, Մինսքի Ռուսիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները:
Բանակցութիւններու գլխաւոր թեման Արցախի հարցն էր:
Հանդիպման բացումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Քարէլ տէ Կուխթ եւ Հայաստանի ու [...]
November 29th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, քանատացի երկու զինուորներ զոհ գացին Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական յարձակումի մը։
Հարաւային Քանտահար քաղաքին մէջ զինեալ մը (կամ զինեալներ) ականուած ինքնաշարժով սուրաց բազմազգեան ուժերու շարասիւնի մը վրայ եւ անոր կառքերէն մէկը հարուածելով՝ պայթեցուց ականը։
Անձնասպանի ինքնաշարժին հետ հրոյ ճարակ դարձաւ շարասիւնի զինուորական կառքերէն մէկը, եւ վնասուեցան ուրիշներ։
ՆԱԹՕի ուժերը [...]
November 29th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
Երաժշտական այն ոճերը, որոնք ծանօթ են իբրեւ «Ֆոլք-ֆիուժըն» )Ժողովրդայինի հետ այլ՝ արդի տարրերու ձուլում( եւ «Ֆոլք ռիվայվըլ» )Ժողովրդայինի վերազարթնում(, կատարողներուն համար յաճախ ծառայած են իբրեւ միջոց ստեղծագործական արտայայտչութեան, պատշաճեցնելու, մեկնաբանելու եւ արդիականացնելու համար երաժշտական ոճեր։
«Ֆոլք ֆիուժըն»ի նոր բեմը իր ներշնչումը կը ստանայ լայնատարած ու բազմամշակութային աղբիւրներէ եւ կը ջանայ հիմնաւորել ժողովրդականացումը երաժշտական ոչ գլխաւոր [...]
November 29th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային կարմիր խաչի (ՄԿԽ) հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Իվ Առնոլտ եւ պատուիրակութեան ներկայացուցիչները Նոյեմբեր 28ին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանին ներկայացուցին Հայաստանի մէջ ՄԿԽի կողմէ գործադրուած կրթական ծրագիրի արդիւնքները:
Անոնք յայտնեցին, որ 10 տարիէ ի վեր ՄԿԽը Հայաստանի մէջ կ’իրագործէ կրթական ծրագիր՝ աշխատելով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու վերաբերեալ գիտելիքներ տարածել դպրոցականներուն մօտ: Ծրագիրի շրջանակներով [...]
November 29th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
1999 թուականին ես արդէն հնարաւորութիւն եմ ունեցել հանդէս գալ այս հեղինակաւոր կենտրոնում։ Թւում է, քիչ ժամանակ է անցել՝ ընդամէնը եօթ տարի։ Բայց այդ ժամանակամիջոցում թէ՛ աշխարհում, թէ՛ ԱՄՆում, թէ մեզ մօտ՝ Ղարաբաղում, բաւականին կարեւոր իրադարձութիւններ են տեղի ունեցել։ Չեմ կարող չյիշատակել 2001 թուականի Սեպտեմբերի 11ի ահաբեկչական գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ Քաթրին փոթորկի աւերիչ հետեւանքներն անցեալ տարի։ [...]
November 29th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Ականատեսներու վկայութեամբ՝ Լիբանանի հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուող Ժտէյտըթ Եապուս անցքին վրայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին պատահած է միջադէպ մը՝ սուրիացի պահակներու եւ Լիբանան մուտք գործել փորձող ինքնաշարժի մը վարորդին միջեւ:
Սահմանապահները կրցած են ինքնաշարժը կասեցնել, սակայն անոր վարորդը ատրճանակով մը կրակ բացած է պահակներուն վրայ եւ ապա իր գօտիին վրայ զետեղուած ականները պայթեցուցած [...]
November 29th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան կողմէ Նոյեմբեր 28ին խորհրդարանի առաջին ընթերցման ներկայացուեցաւ օրհներգի (քայլերգի) մասին օրէնքի նախագիծը:
Օրինագիծով կը սահմանուի օրհներգի գործածութեան կարգը, իսկ անցումային դրոյթներուն մէջ նշուած է, որ գործող օրհներգը («Մեր հայրենիք») ուժի մէջ է 1 տարի եւս, մինչեւ օրհներգի բառերն ու երաժշտութիւնը օրէնքով սահմանելը:
Նախագիծը արժանացաւ խորհրդարանականներու բուռն քննարկման: Ելոյթ ունեցող պատգամաւորները գլխաւորապէս կը [...]
November 29th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՔԻԵՒ, Լրատու Գործակալութիւններ.- Երեքշաբթի օր, Ուքրանիոյ խորհրդարանը ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ բանաձեւ մը որդեգրեց, որ 1932-33 տարիներուն երկրին մէջ ծագած սովը ուքարանացի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն կ’որակէ:
Այդ տարիներուն, Ստալինի օրերուն, մօտաւորապէս 10 միլիոն ուքրանացիներ զոհ գացած էին սովին, որուն հիմնական պատճառը մշակելի տարածութիւններու եւ նախիրի բռնի համայնացումն էր համայնավար իշխանութիւններու հրահանգով:
Ուքրանիոյ Ազգային յիշողութեան հիմնարկի տնօրէն [...]
November 29th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Կլոպըլ մարքէթ» կազմակերպութեան կողմէ ամբողջ աշխարհի մէջ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ աշխարհի ամէնէն չսիրուած երկու երկիրներն են Իսրայէլ եւ Թուրքիա։ 36 Երկիրներու ցանկին մէջ Թուրքիա կը գրաւէ 35րդ տեղը։
Հարցախոյզը շօշափած է մօտաւորապէս 26 հազար հոգիի կարծիքը։ Ամէնէն չսիրուած երկիրը Իսրայէլն է, որ ցանկին ամէնէն վերջին կարգին վրայ կը գտնուի։ Կարծիք յայտնողները դիտել [...]
November 29th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ապահովական խիստ պայմաններու ներքեւ, Պենետիքթ ԺԶ. պապը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին չորսօրեայ այցելութեան մը համար Թուրքիա ժամանեց:
Զայն դիմաւորելու եկած էին նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէր եւ վերջին վայրկեանին իր ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկած վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, որ 20 վայրկեան տեսած հանդիպումէ մը ետք յայտարարեց, թէ պապը «հակառակ քաղաքական անձնաւորութիւն մը չըլլալուն», նեցուկ կը կանգնի [...]
November 29th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երեխայի ուսման նպատակն է զայն ընդունակ դարձնել՝ հետագային զարգանալու առանց ուսուցիչի։
Ա. Ֆրանս
Շատերուն ուշադրութիւնը կը գրաւէ այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի երեխաներուն մեծ մասը պատրաստաբան է: Հեռատեսիլային մանկական հաղորդումներուն, իբրեւ հաղորդավարներ կամ հիւրեր հանդէս եկող երեխաները կ՚ապացուցեն, որ իրենք շատ հանգիստ կրնան արտայայտել իրենց մտքերը եւ ունին ճարտար խօսելու վարպետութիւն: Նոյնը կը նկատենք երեխաներու հետ [...]
November 29th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, Իրաքի մէջ ամերիկեան պատերազմական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ։
«Էֆ. 16» տիպի օդանաւը բազմազգեան ուժերու հետեւակազօրքի գործողութեան մը կ’օգնէր, երբ ջախջախուեցաւ Անպար նահանգին մէջ, հաստատեց ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը։
Ականատեսներ միջազգային լրատու գործակալութիւններու ըսին, որ օդանաւը վերիվայրումներու ենթարկուելէ ետք գլուխն ի վար ինկած ու պայթած է։
Այլ ամերիկեան օդանաւեր փութացին արկածին վայրը եւ [...]
November 29th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբի ղեկավար Ֆրանսուա Ռոշպլուա, խումբի անդամ Ալէն Մուան-Պրըսա եւ քարտուղար Ժան-Փիէռ Տելանուա Նոյեմբեր 28ին հանդիպում ունեցան Հայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամներուն հետ:
Յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան շնորհակալութիւն յայտնելով վերջերս Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը դատապարտող օրինագիծին համար՝ նշեց, որ այդ նոր մակարդակի բարձրացուց [...]
November 29th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթի համացանցային կայքը հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ հիւսիսարեւմուտքը գտնուող Պանտըրմա քաղաքին քաղաքապետարանը համաձայն գտնուած է ալճերիական «ցեղասպանութեան» զոհերուն նուիրուած կոթող մը կանգնեցնելու՝ իբրեւ բողոք Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացողները պատժելու վերաբերեալ Ֆրանսայի խորհրդարանին տուած որոշումին։
Կոթողը տեղադրելու առաջարկը ներկայացուած է քաղաքապետական ժողովին ընթացքին եւ քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունած է առաջարկը։ Քաղաքապետը՝ Ճեմալ Օզթայլան յայտնած է [...]
November 29th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Ասպարէզ»ի Նոյեմբեր 2, 2006 թ. համարում, Ասպարէզի խմբագիր Վաչէ Բրուտեան «Օրուան հետ» սիւնակում, «Օգտակար է» վերնագրութեամբ յօդուածում, անդրադարձել է Ամերիկայի տարածքին, նահանգային թէ դաշնակցային մակարդակների վրայ տարուող ընտրութիւնների շուրջ, եւ յորդորել ամերիկահայութեան, իբրեւ այս երկրի լիիրաւ քաղաքացիներ, մասնակցելու քուէարկութիւններին (խօսքը Նոյ. 7ի քուէարկութիւնների մասին է Գ.Գ.):
Միաժամանակ՝ նշել է՝ «Հայ Դատի Յանձնախումբը արդէն իսկ ճշդած [...]
November 29th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 28ի արտահերթ նիստին, Ազգային ժողովը ընդունեց նախորդ օր քննուած 24 օրինագիծերը եւ օրէնսդրական թղթածրարներ: Առաջին ընթերցումով ընդունուեցան երեխայի իրաւունքներու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարող եւ 2007-2009ի պետական վիճակագրական աշխատանքներու եռամեայ ծրագիրը հաստատող օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ վերահսկիչ պալատին առնչուող օրէնսդրական թղթածրարը:
2րդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ հարկային ծառայութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարող [...]
November 29th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան պիտի այցելէ Իրան, Սուրիա եւ Լիբանան։ Ան Իրան պիտի այցելէ Դեկտեմբեր 3ին, սակայն շրջապտոյտի մնացեալ այցելութիւններուն վերջնական թուականները ցարդ չեն ճշդուած։ Լիբանան կատարելիք իր այցելութեան մասին յայտնուեցաւ, թէ Էրտողան ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին մաս կազմող թրքական զօրամասին պիտի այցելէ եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ պիտի քննէ [...]
November 29th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.- Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի «Միտք» երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 26ին, Մոսկուայի «Սուրիքով» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրենի Չաւախք» խորագիրով երիտասարդական գիտաժողով։
Գիտաժողովին մասնակցեցան մոսկուահայ ուսանողութիւնը, ներկայ էին նաեւ Ռուսիոյ երիտասարդ իրաւաբաններու միութեան ներկայացուցիչները։
«Միտք»ի վարչութեան ներկայացուցիչ Միքայէլ Յարութիւնեան յայտնեց, որ գիտաժողովը ոչ միայն ճանաչողական նշանակութիւն ունի, այլ նաեւ հասարակութեան, մասնաւորապէս երիտասարդութեան Չաւախքի խնդիրներուն [...]
November 29th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբերի 25ին, մեծ հանդիսութեամբ օծուեցաւ եւ տեղադրուեցաւ Լոռի մարզի Կուրթանի ձորին մէջ գտնուող Հնեվանքի (կառուցուած՝ 7րդ դարուն) գմբեթի խաչը:
Ըստ Գուգարաց թեմի մամլոյ դիւանի հրապարակած տեղեկատուութեան, անյիշելի ժամանակներէն խոնարհուած եւ լքուած վանական այս համալիրը վերականգնուած է պետական ամավարկէն յատկացուած միջոցներով:
Արարողութեան ներկայ էին Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպս. Չուլջեան, Լոռիի մարզպետարանի ներկայացուցիչներ, համայնքապետեր, [...]
November 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Կիպրոսէն մեկնելէն առաջ, անցնող շաբթու ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան «Ա.Էֆ.Փէ.» գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ «ծխածածկոյթ» որակեց Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով պատմաբաններու խառն յանձնախումբ կազմելու թրքական առաջարկը:
Օսկանեան ըսաւ. «Էրտողանի առաջարկը ծխածածկոյթ մըն է», միաժամանակ հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս խառն յանձնախումբ պիտի ակզմուի, երբ երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին: «Այս մէկը [...]
November 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եղիշէ Չարենցի մահուան 69րդ տարելիցին առիթով, Նոյեմբեր 27ին Ե. Չարենցի տուն-թանգարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ աւանդական դարձած այցելութիւն դէպի մեծանուն բանաստեղծի յուշահամալիր: Այցելութեան կը մասնակցէին բազմաթիւ մտաւորականներ, Երեւանի պետական համալսարանի եւ Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի ուսանողներ, Ե. Չարենցի անուան դպրոցի աշակերտներ:
Ե. Չարենցի կեանքի, յատկապէս վերջին տարիներու կենսագրական որոշ դրուագներուն եւ գրական գործունէութեան [...]
November 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին,՝ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտարարեց, թէ պատրաստ է բանակցութեանց սեղան վերադառնալու պաղեստինեան իշխանութեան հետ, եթէ պաղեստինցիները յաջողութեամբ պսակեն «չափաւորական» կառավարութիւն մը կազմելու աշխատանքները:
Ան միաժամանակ շեշտեց, թէ պաղեստինցիներու կողմէ առեւանգուած իսրայէլացի զինուորին փոխարէն պատրաստ է «բազմաթիւ» պաղեստինցի բանտարկեալներ ազատ արձակելու:
Ան դարձեալ արտայայտուեցաւ գրաւեալ Արեւմտեան Ափէն նահանջելու իր ծրագրին [...]
November 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Վերջին քանի մը օրերուն Իրաքի մէջ սաստկացած սպանութիւններուն եւ անկայուն վիճակին հետեւանքով քանի մը օրով յետաձգուած Իրաքի նախագահ Ճալալ Թալապանիի Իրան այցելութիւնը սկսաւ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին: Թալապանի Իրան կ’այցելէ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրով, Իրաքի տագնապին լուծում մը գտնելու յոյսերով:
Իրաքի իշխանութեանց պետերը Կիրակի օր հանդարտութեան կոչ ուղղեցին երկրին քաղաքագէտներուն ու ժողովուրդին: Թալապանի [...]
November 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բնագաւառին մէջ իրենց վաստակին համար, ինչպէս նաեւ հայկական ձայնասփիւռի հիմնադրութեան 80ամեակի ու հեռատեսիլի 50 ամեակի առիթով, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Նոյեմբեր 27ին հրամանագիրով մը հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խումբ մը գործիչներ պատուեց:
Ժողովրդական արուեստագէտի պատուոյ կոչումին արժանացաւ երգչուհի Ռաիսա Մկրտչեան, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումին արժանացաւ «Դասական ալիք» հաղորդաշարի [...]
November 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մ. Արեւելեան պատմութեան բնագաւառին մէջ ծանօթ անուն եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող պատմաբան Պեռնըրտ Լէուիս վերջերս պարգեւատրուեցաւ National Humanities շքանշանով՝ նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ, հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Նոյեմբեր 9ին, Սպիտակ տան հաւկթաձեւ գրասենեակին մէջ կայացած արարողութեան մը ընթացքին, Լէուիս պարգեւատրուեցաւ: Ներկայ էր նաեւ առաջին տիկին Լօրա Պուշ:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի [...]
November 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՄԵՂՐԻ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 23ին, երթեւեկի դիմաց բացուեցաւ Կապան-Մեղրի 92 քիլոմեթր երկարութեամբ այլընտրանքայի ճամբու առաջին 19.7 քիլոմեթրնոց հատուածը:
Շինարարները այդ աշխատանքները աւարտեցին նախատեսուածէն աւելի քան մէկ ամիս առաջ: Ճամբու այս հատուածի կառուցման համար ծախսուած է շուրջ 2.35 միլիառ դրամ: Ըստ աշխատանքները կատարած ընկերութեան տնօրէն Ազատ Գասպարեանի, մայրուղին երրորդ կարգի ճանապարհ է, կ’անցնի լեռնային բարդ վայրերէ: Այդ [...]
November 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Յաջորդ գումարման խորհրդարանում Հ.Յ.Դ. կը լինի խորհրդարանակա՞ն, թէ արտախորհրադարանական կուսակցութիւն՝ կ’որոշի ժողովուրդը: Կանխատեսումներ անել չեմ ուզում, այնուամենայնիւ, կարծում եմ, որ այդ խորհրդարանում շատ ցնցող փոփոխութիւններ չեն լինի եւ Հ.Յ.Դ.ն ներկայացուած կը լինի», Նոյեմբեր 24ին նման կանխատեսում կատարեց ԱԺ փոխխօսնակ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:
Թէ ինչ չափով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցը յաջողած [...]
November 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբերի կէսօրին տեղի ունեցաւ բացումը Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յիշատակաքարին։
Հռոմի քաղաքապետութիւնը իր այս նախաձեռնութեամբ կ՚ընդառաջէր մայրաքաղաքի հայ գաղութի պահանջներուն։ Հռոմահայերը, Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ Աթաթուրքի յիշատակին նուիրուած յուշարձանէն զայրացած, պահանջած էին յարգել հայ նահատակներու յիշատակը։
Իտալիոյ մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ դոկտ. Ալեքքօ Պեզիկեանի հետ համադրաբար տարուած քաղաքական [...]
November 28th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Չաւախքի հիմնախնդիրը հայ քաղաքական ընտրանու եւ նոյնիսկ փորձագիտական-վերլուծական հանրութեան ընկալումներում տուժում է վառ արտայայտուած քարացած մտակաղապարումի երանգաւորումից եւ յստակ «կենցաղային գործնապաշտութեան» առկայութիւնից։ Համապատասխանաբար, հիմնախնդրի լուրջ քննարկման բացակայութեան, դրա նշանակալիութեան անբաւարար վերլուծութեան եւ Հայաստանի քաղաքական դաշտի ներկայացուցիչների մեծամասնութեան գիտակցութեան մէջ արմատացած առասպելների պայմաններում, ամէն ինչ յանգեցւում է միայն հարցի մակերեսային պատկերացմանը, իսկ Չաւախքին վերաբերող քաղաքական լուծումները [...]
November 28th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՀԵԼՍԻՆՔԻ, «Պլումպըրկ».- Եւրոպական միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքի Թուոմոյա Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27ին յայտարարեց, թէ Կիպրոսի առջեւ իր օդակայաններն ու նաւահանգիստները խոստումը յարգելու համար Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի հետ նոյն օրը տեղի ունեցած բանակցութիւնները ապարդիւն դուրս եկած են, որու հետեւանքով ան աւելցուց, թէ մինչեւ տարեվերջ այս գծով համաձայնութիւն մը գոյացնելու ոչ [...]
November 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Աւելի քան 25 հազար թուրքեր Կիրակի, Նոյեմբեր 26ին փողոց իջան բողոքելու համար Պենետիքթ ԺԶ. պապի Թուրքիա այցելութեան դէմ, որ պիտի սկսի Երեքշաբթի օր։
Իսլամական արմատական կուսակցութեան մը կազմակերպած ցոյցին ընթացքին ցուցարարները բարձրացուցած էին պաստառներ եւ ծաղրանկարներ։ Անոնք նաեւ արձագանգեցին բարձրախօսներով արտասանուած լօզունգներու եւ կարգախօսներու, որոնցմէ մէկն էր. «Տգէտ ու սմսեղուկ Պապը Թուրքիա [...]
November 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Նոյեմբեր 26ին, Աֆղանիստանի հարաւարեւելեան Փաքթիթա նահանգի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառեց 15 զոհ եւ 24 վիրաւոր։ Իշխանութիւնները յայտնեցին, որ փաքիստանցի մը մուտք գործած է ճաշարան մը եւ հոն պայթեցուցած է իր կրած ականը։ Արարքին թիրախներն էին նահանգի ոստիկանապետն ու ոստիկանութեան մասնայատուկ ջոկատներու ընդհանուր հրամանատարը, որոնք ծանրօրէն վիրաւորուած են։
Նաեւ, երկիրին հարաւային Ուրուզկան [...]
November 28th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Նոյեան Տապան».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այսօր, Նոյեմբեր 28ին կը մեկնի Մինսք՝ մասնակցելու ԱՊՀ նախագահներու խորհուրդի հերթական նիստին:
Նիստը պիտի բացուի պետութիւններու ղեկավարներու նեղ կազմի հանդիպումով: Այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ լիագումար նիստը, որուն, կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախագահներուն հետ միասին, պիտի մասնակցին նաեւ արտաքին գործոց նախարարները:
Քննարկման գլխաւոր հարցը պիտի դառնայ ԱՊՀ [...]
November 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներու մէջ ԼՂՀ նախագահ Արկատի Ղուկասեանի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզայի Նոյեմբեր 24ի հանդիպման ընթացքին, մտքեր փոխանակուեցան ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի այժմեան վիճակի եւ հեռանկարներու վերաբերեալ:
Այս մասին յայտնեցին ԼՂՀ նախագահի գրասենեակէն եւ նշեցին, որ կառուցողական մթնոլորտի մէջ կայացած զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է հակամարտութեան կողմերուն միջեւ ծագող խնդիրները [...]
November 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Նոյեմբեր 23ին, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի թելեթոնի ընթացքին, հանգանակուեցաւ 13.7 միլիոն տոլար, ինչ որ մրցանիշ կը համարուի թելեթոնի նախընթաց տարիները հաշուի առնելով:
Թելեթոնին ներկայ եղան եւ խօսք առին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Ժան Գոսագեան եւ Արամ Գալուստեան, որոնք անդրադարձան Արցախի մէջ գիւղերու վերակառուցման առումով կազմակերպութեան նախաձեռնութիւններուն եւ կոչ ուղղեցին [...]
November 28th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնին մէջ (ՆՓԱԿ) Նոյեմբեր 22ին բացումը կատարուեցաւ «Դէմ դիմաց Հայաստան» խորագրով լուսանկարչական ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով, նախագիծի ղեկավար եւ համահիմնադիր, ինչպէս նաեւ ՆՓԱԿի գործադիր տնօրէն Էտուարտ Բալասանեան յայտարարեց, որ այս ցուցահանդէսը հայ նկարիչներու անրադարձն է «Դէմ դիմաց՝ դիմանակարներ-ինքնադիմանկարներ» ցուցահանէսին, որ կազմակերպուած էր ՆՓԱԿի մէջ 2006ի Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն՝ [...]
November 28th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ ամերիկեան դեսպանի պաշտօնակատար Էնթընի Կատֆրի Նոյեմբեր 22ին տեղի ունեցած ամերիկեան Peace Corps կազմակերպութեան 8րդ ամէնամեայ ողջունահանդէսին յայտարարեց, թէ այս կազմակերպութեան հիմնական նպատակն է նպաստել կամաւորներու եւ երկիրի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործընթացին նպաստող կազմակերպութիւններու գործակցութեան:
Կատֆրի մասնակիցներուն ցանկացաւ գործակցութեան եզրեր գտնել, նոր կապեր հաստատել եւ յոյս յայտնեց, որ այն արդիւնաւէտ կերպով կ’անդրադառնայ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նշանաւոր հայ աշուղ, ժողովրդական երգիչ Չիւանիի (Սերոբ Ստեփանի Լեւոնեան-1846, Չաւախքի Կարծախ գիւղ-1909, Թիֆլիս) ծննդեան 160ամեակը տօնական մեծ համերգով նշուեցաւ Նոյեմբեր 21ին «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ, որ կազմակերպած էին մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը եւ «Սայեաթ Նովա» մշակութային միութիւնը:
Համերգի ընթացքին վաստակաւոր արուեստագէտ Թովմաս Պողոսեանի ղեկավարութեամբ եւ մենակատարութեամբ հանդէս եկան «Սայեաթ Նովա» աշուղական խումբը, [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Առաջին անգամը ըլլալով Ֆրանսայի մէջ, պիտի հրապարակուին Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթով դրոշմաթուղթեր:
Ֆրանսական կեդրոնական նամակատունը տակաւին շուկայ չէ իջեցուցած դրոշմաթուղթերը, սակայն փափաքողները կրնան զայն գնել ուղղակի նամակատուներէն՝ 2.5 եուրոյով:
November 24th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 22ին, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը՝ անոր նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ մասնակցած էր Հայաստանի եւ ԼՂի միջխորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին:
Հանդիպման ընթացքին, ԼՂՀ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը միջխորհրդարանական յանձնաժողովի աշխատանքը գնահատեց արդիւաւէտ եւ նշեց, որ ան տեղեկատուութեան փոխանակման եւ գործնական կիրառման առումով շատ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 22ը հայ ժողովուրդի պատմութեան համար նշանակալից օր է, որ անցեալ դարուն, տասնամեակներով մարդկութենէն թաքցուցած են քեմալական Թուրքիան եւ պոլշեւիկեան Ռուսիան, հանրագիտարաններն ու պատմական տեղեկագիրները աղաւաղելով եւ սխալ ներկայացնելով: Մինչդեռ, 1920ի Նոյեմբեր 22ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը ստորագրած է իր պատմական իրաւարար որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման, դէպի ծով Հայաստանի ելքի, [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երեքշաբթի յետմիջօրէին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարան, շնորհաւորելու եւ բարի գալուստ մաղթելու նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանը, որ Լոս Անճելըս ժամանած էր Նոյեմբերի սկզբնաւորութեան:
Պատուիրակութիւնը ընդունեցին գլխաւոր հիւպատոսը եւ հիւպատոս Յարութիւն Կոջոյեան: Կեդրոնական Կոմիտէի ու շրջանի համայն շարքերու անունով, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան շնորհաւորեց [...]
November 24th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Վերջերս շատ կը խօսուի Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամացած հայերու մասին։ Թիւերը կը գնահատուին մինչեւ մէկուկէս միլիոն։ Պաշտօնական Թուրքիա երբեք չէ ճանչցած այս իրողութիւնը եւ չի խօսիր այս մասին։
Պահ մը ոստում մը ընենք դէպի 2046 թուականը։ Թուրքիա, Եւրոպական միութիւն մտնելու իր ճիգերուն մէջ, այս «թապու»ն վերցնելով հայ մահմետականներուն արտայայտուելու եւ ընտրութեան ազատութիւն կու տայ եւ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութիւնը հրապարակեց տեղեկագիր մը, ուր կը հիմնաւորէ, թէ Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյն արդար դատավարութեան չէ արժանացած, իսկ դատական գործընթացին մասնակից դատաւորներն ու փաստաբանները չեն յաջողած պահպանել քրէական դատավարութեանց համար միջազգայնօրէն ընդունուած չափանիշները:
97 էջնոց տեղեկագիրը կ՚ըսէ, որ Սատտամի դէմ դատարանին արձակած «մեղաւոր» վճիռը հարցականի տակ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22ին հրապարակուած ՄԱԿի տեղեկագիր մը բացայայտեց, թէ Հոկտեմբեր ամիսը 2003ի Մարտին սկսած Իրաքի պատերազմին ամենամահացու ամիսը եղած է իրաքցիներու համար, որովհետեւ այդ ընթացքին սպաննուած են առնուազն 3709 իրաքցի քաղաքայիններ:
ՄԱԿի համաձայն, քաղաքայինները մեծ մասամբ զոհ գացած են միջհամայնքային սպանութիւններու, որոնք սաստկացած են անցեալ Փետրուարին Սամարայի մէջ տեղի ունեցած մզկիթի մը վրայ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՕԹԹԱՈՒԱ.- Նոյեմբեր 8-10, յաջորդաբար Թորոնթոյի, Մոնթրէալի եւ Օթթաուայի մէջ դասախօսական շարքով մը ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան եւ հայ-թրքական «հաշտութեան» յանձնաժողովի (TARC) անդամներնէն՝ Կիւնտիւզ Աքթան: Դասախօսութիւնը կը կրէր Legal, Psychological and Political Dimensions of the Turkish Armenian Controversy խորագիրը: Նշենք, որ Աքթան եղած է նաեւ վարչապետ Օզալի յատուկ խորհրդական եւ Յունաստանի, Ճափոնի եւ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Կարապի լիճի սահադաշտը պիտի սկսի գործել Դեկտեմբերի կէսէն, այս մասին յայտնեց Երեւանի փոխքաղաքապետ Վանօ Վարդանեան:
Նշենք, որ լիճի 1033 քառակուսի մեթրի վրայ գործող սահադաշտը կրնան գործածել միաժամանակ 100 հոգի: Սահադաշտի մօտ, ինչպէս նախորդ տարի, կան չմուշկներու վարձակալութեան տաղաւար, բժշկակական կէտ եւ հանդերձարան:
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը մշակած է համապարփակ քայլերու ծրագիր, որուն նպատակն է որակապէս կրճատել Հայաստանի մէջ առկայ ստուերային տնտեսութեան մակարդակը:
Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տիգրան Սարգսեան Նոյեմբեր 21ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշեց, որ յիշեալ փաստաթուղթը այժմ կը քննարկուի վարչապետին առընթեր գործարարութեան աջակցութեան խորհուրդին կողմէ:
Փաստաթուղթը կը ներառէ ոչ կանխիկ շրջանառութեան կտրուկ ընդլայնման եւ կանխիկ շրջանառութեան կրճատման [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննանի յղեց պատգամ մը՝ թելադրելով անոր, որ Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցաբար եւ Լիբանանի սահմանադրութեան համապատասխան՝ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի կազմութեան վերջին քայլերուն դիմէ:
Ապահովութեան խորհուրդը յայտնեց, որ ատեանը կարելի է կազմել միայն անոր գործունէութեան առաջին տարուան ծախսերը հոգալու բաւարար [...]
November 24th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի կողմէ կեանքի կոչուած տառերու գիւտի 1600 ամեակը մեծարող յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, քանի մը օր առաջ Հայ ակումբի սրահին մէջ կազմակերպուած էր գեղարուեստական-դասախօսական ծրագիր՝ պարսիկներու համար:
Տէրունական աղօթքով եւ Իրանի պետական քայլերգով սկսած ծրագիրին, բացման խօսք ուղղեց Վարդան Դաւթեանը:
Ծրագիրին ներկայ էին՝ ուսումնադաստիարակչութեան փոխնախարար Միրզափուրը, խորհրդարանի պատգամաւոր դոկտ. Ահմատ Նուրիզատէն, Թ. Հ. Թեմական [...]
November 24th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, Սպահանի Պետական համալսարանի եւ Պարսկերէն լեզուի զարգացման կեդրոնի հրաւէրով, Թեհրան ժամանեց հայաստանեան գրողներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Աննա Էգիպեանը, Լաւրենտի Յովհաննիսեանը, Աւիկ Իսահակեանը, Վրէժ Փարսադանեանը, Աշխէն Մակարեանը, Արեւշատ Աւագեանը եւ Յովհաննէս Գրիգորեանը:
Նշելի է, որ ասիկա երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու միջեւ կայանալիք 2րդ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով Երեւանէն իր մեկնումի պահուն յայտարարեց, որ հայկական կողմը համաձայն է նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայանալիք հանդիպումի մը:
Մերզլեաքով այս յայտարարութիւնը մամուլին կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, Պաքու մեկնելէ առաջ:
Ռուս դիւանագէտը նաեւ ըսաւ, թէ «մենք տակաւին պէտք է ատրպեճանական կողմին համաձայնութիւնը ստանանք այս [...]
November 24th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ամիսներ առաջ Հայ-ամերիկեան տարեցների Կենտրոնական եւ մասնաճիւղերի վարչութիւնների ներկայացուցիչներից, ինչպէս նաեւ համակիր հայորդիներից կեանքի կոչուեց մի յանձնախումբ՝ նախագահութեամբ Կենտր. վարչութեան նախագահ Յակոբ Օվայեանի, որը պատրաստակամ գտնուեց ստանձնելու Հայ-ամերիկեան տարեցների միութեան հիմնադրութեան 25ամեակի տօնակատարութեան ծանր պատասխանատուութիւնը:
Այդ ծրագրի առաջին նախապայմանն էր, որ տօնակատարութիւնը իրագործուի բարձր մակարդակով եւ արժանավայել շուքով:
Այդպէս էլ եղաւ: Յանձնախմբի ջանքերի շնորհիւ տօնակատարութիւնը [...]
November 24th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մեր ընթերցողներուն պատմեցէք աշխատանքային ձեր կենսագրութեան մասին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես ծնուել եմ Պարսկաստանում: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնս ստացել եմ Թեհրանի «Քուշէշ-Մարիամեան» դպրոցում: Այս դպրոցը աւարտելուց յետոյ բարձրագոյն կրթութիւնս ստացել եմ Լոնտոնում: Լոնտոնում ստացել եմ պսակաւորի տիտղոս կենսաքիմիագիտութեան (biochemistry) մէջ, որից յետոյ դոկտորականը՝ նոյն մասնագիտութեան գծով: Ապա նոյն քաղաքում աշխատանքի եմ անցել Anthony Nolan Bone Marrow [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Եկեղեցւոյ հայրերը, քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ անխուսափելի գտած են վերջնականապէս մեղքէն հեռացումը, այնքան ատեն, որ մարդկային մարմիններով կանգ այս աշխարհի վրայ: Անոնցմէ ոմանք ինքնաչարչարութեան դիմած են, մարմինը պատժելով, արդարացնելու համար քրիստոնէութիւնը, ուրիշ խօսքով՝ ամբողջութեամբ Աստուծոյ ընծայուելու իրենց նուիրական ուխտը:
Հայ եկեղեցւոյ հայրերը եւս, յատկապէս Ս. Գրիգոր Նարեկացին, «Մատեան ողբերգութեան» իր անզուգական աղօթագիրքով, կ’անդրադառնայ իր մեղաւոր [...]
November 24th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հայաստանի դպրոցներու փոխկապակցում» ծրագիրի (ՀԴՓԾ) շրջանակներով, 330 դպրոցներու մէջ հիմնադրուած են համացանցային-համակարգչային կեդրոններ: Ծրագիրը 2000էն ի վեր կ’իրականացնէ «Project Harmony»ի հայաստանեան գրասենեակը՝ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան կրթական եւ մշակութային կապերու գրասենեակի ֆինանսաւորումով, որ վեց տարիներու ընթացքին կազմած է 12.5 միլիոն տոլար:
Այս մասին Նոյեմբեր 21ին «Բացայայտելով տեղեկատուական հաղորդակցման արհեստագիտութիւնները այսօր՝ յանուն վաղուայ» [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը միջազգային դատական ատեաններու հարթութիւն տեղափոխելու ցանկութեան նկատակն է հարցը պատմական վէճի վերածել ու բնականաբար՝ պարպել իր քաղաքական բովանդակութենէն, Նոյեմբեր 22ին կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի Երեւանանեան գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Բանախօսի համոզումով, Թուրքիոյ այս նոր մարտավարութիւնը իր նպատակով նման է պատմաբաններու յանձնաժողով [...]
November 24th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Պէյրութի մէջ լոյս է տեսած դոկ. Գէորգ Խրլոպեանի «Ցեղասպանութիւն» գիրքը, որուն մէջ արծարծուած են Ցեղասպանութեան աստուածաբանական, քաղաքական, պատմական, դիւանագիտական, իրաւակական եւ ընկերային-հոգեբանական կողմերը:
Գիրքի յաւելուածին մէջ ներկայացուած են Օսմանեան կայսրութեան ծաւալման եւ քայքայման ընթացքը, պարտուած Թուրքիան եւ անոր դաշնակիցները, հայկական ջարդերը եւ ուիլսընեան Հայաստանի քարտէսները: Գ. Խրլոպեանը գիրքին մէջ ներկայացուցած է նաեւ վերջին մէկ տարուան [...]
November 24th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Կարծես նոր պիտի սկսի այս տարուան աշունը: Եղանակը բաւական ջերմ ընթացք ունի հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ: Այս մէկը սակայն պատճառ մը չէ նորաձեւութեան հնարամիտներուն ի յայտ չբերելու այն բոլորը, որ սպասուած են մարդոց կողմէ:
Գոյները անշուշտ աշնան լուրը կը բերեն: Առաւել, այս տարի քիչ մը աւելի վառ են աշնանային գոյները կամ սովորականէն տարբեր, ինչպէս սաֆիր քարի [...]
November 24th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԽՈՅ (Մարտ 21 – Ապրիլ 19)
Եթէ ինքնավստահ չես, ուրեմն մի այպաներ: Ինչպէս առածը կ’ըսէ՝ երկու մտածէ մէկ գործէ, նոյնը դուն պէտք է ընես: Շատ մի խօսիր եւ այս օրերուն ուրիշներու գործերով շատ մի զբաղիր: Գործի նոր առաջարկ մը պիտի ստանաս: Դուն ալ լաւ գիտես, որ այդ մէկուն ժամանակը չէ:
Բախտաւոր օր – Երկուշաբթի, բախտաւոր [...]
November 24th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Շուրջ քառասուն օրեր առաջ օտար ու ցուրտ հողին յանձնուեց վաստակաշատ միութենական Գուրգէն Խանճեանի յոգնաբեկ մարմինը:
Գուրգէն Խանճեանը ծնուել էր 1910ին, Վանում: 1915ի Ցեղասպանութիւնից հրաշքով փրկուած լինելով, ընտանեկան պարագաների հետ ապաստանում է Արեւելեան Հայաստան եւ ապրում Դիլիջանում:
Խանճեան ընտանիքը 1926 թուին փոխադրւում է Թաւրիզ: Գուրգէն Խանճեանը յաճախում է հայոց դպրոց: Արամ Ալճուճեանը Թաւրիզի հայոց դպրոցների 30 [...]
November 24th, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Թուրքիա այցելող Հռոմի Պենետիքթ 16րդ պապը Նոյեմբեր 28էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1 զանազան հանդիպումներ պիտի ունենայ Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ, սակայն բացի նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրին հետ կայանալիք հանդիպումէն, տակաւին յայտնի չէ, թէ պապը պետական մարդոցմէ որո՞նց հետ հանդիպում պիտի ունենայ։ Այս նիւթին շուրջ խորհրդաւոր անորոշութիւն մը կը տիրէ եւ կարծես, թէ շատեր կը խուսափին պապին [...]
November 24th, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան ձմեռը սովորականէն նուազ ցուրտ, «տաք» պիտի ըլլայ: Այս մասին յայտնեց «Հայպետհիդրոմետ»ի փոխտնօրէն, օդերեւութաբանութեան կեդրոնի պետ Ալպերթ Թորոսեան եւ նշեց, որ այս տարուան Դեկտեմբերին եւ 2007ի Փետրուարին Երեւանի մէջ ջերմաստիճանը միջինէն մէկ աստիճանով բարձր պիտի ըլլայ: Նոյն ջերմաստիճանը կը սպասուի նաեւ Մարտին:
Նոյեմբեր 21ի դրութեամբ, ջերմաստիճանը 5-6 աստիճանով ցած է բնականէն: Սակայն [...]
November 24th, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայաստանի պարի պետական համոյթը, Սենեկային երգչախումբը, «Կադանս», «Արեւիկ», «Սայեաթ Նովա» խումբերը, Ռուբէն Մաթեւոսեան, Շուշան Պետրոսեան, Լէյլա Սարիբէկեան, Համլէթ Գէորգեան, Արտօ Թունճպոյաճեան, Արսէն Գրիգորեան, Հայկօ, Այտա Սարգսեան, Լիլիթ Պիպոյեան, Արմէն Մովսիսեան եւ հայրենի այլ արուեստագէտներ Ուրբաթ, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Համազգային»ի ու Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի (Հ1) կազմակերպութեամբ երգեցին Լիբանանի համար եւ իրենց արուեստով զօրակցութիւն [...]
November 24th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ամէն տարի, իր հրապարակային ելոյթով, «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը, իր աւելի քան 100 եւ 5էն 30 տարեկան անդամ-անդամուհիներով, մշակութասէր հասարակութեան կը ներկայանայ հայկական եւ արդիական պարերու նոր ու ճոխ յայտագրով մը եւ կը հմայէ զայն:
Անշուշտ այս բոլոր յաջողութիւններուն մէջ, պարախումբը հովանաւորող «Համազգային»ի վարչութեան կողքին, իրենց արդար բաժինը ունին նոյն այս խումբի [...]
November 24th, 2006
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մօտաւորապէս տարի մը կը լրանայ այն օրէն ի վեր, երբ ստանձնեցիք ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Կրնա՞ք մեզի տեղեկացնել ԼՂՀ հակամարտութեան հարցի այն զարգացումներու մասին, որոնք տեղի ունեցած են այս վերջին մէկ տարուան ժամանակաշրջանին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Կրնամ ըսել, որ 2006 թուականը բաւական աշխոյժ թուական մըն էր եւ հետաքրքրական զարգացումներ ունեցաւ: Այս շրջանի առաջին կէսը յատկանշուեցաւ [...]
November 24th, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Արարատ սիգապանծ լեռը դժկամութեամբ ետեւ ձգած, կ’երթանք Վան: Վանայ լիճի հիւսիս-արեւելեան կողմը, Բերկրիի լայն ու գեղեցիկ ջրվէժին դիմաց, բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ կը ճաշենք:
Վան քաղաքը լիճէն հինգ քմ. հեռու է, լիճին ճիշդ եզերքը իջեւանելու համար տասներկու քմ. եւս կը քշենք ու կը հասնինք Արտամետ, ուր մայր պողոտային վրայ «Մերիթ-Սահմարան» անունով գեղեցիկ պանդոկ մը կայ: [...]
November 24th, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Իրնա».- Թրքական «Զաման» օրաթերթին կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը հասած է այն եզրակացութեան, որ թուրքերը եւրոպական երկիրներէ ու Միացեալ Նահանգներէն աւելի մօտիկ կը զգան Իրանի:
Արդարեւ, թուրքերուն 29 տոկոսը յայտնած է, թէ բարեկամ երկիր մը կը նկատեն Իրանը, մինչ այդ համեմատութիւնը յաջորդաբար 3.6, 2.8, 3.2, 4.2, 8.7 տոկոս եղած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Յունաստանի [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Ռէալ Մատրիտ»ի եւ Հունգարիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին աստղերէն Ֆերենք Փուշքաշ անցեալ շաբաթավերջին Պուտափեշտի մէջ մահացաւ։ Ան 79 տարեկան էր:
1945էն 1956, ան 84 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակեց 83 կօլ, իսկ զանազան ակումբներու հետ իր կատարած 349 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 358 կոլ։
Փուշքաշի թաղումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Դեկտեմբեր 9ին, Պուտափեշտի մէջ։ Հունգարիոյ կառավարութիւնը այդ [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն, աշխատանքի տեղաւորուած է 6986 գործազուրկ, յայտնեցին զբաղուածութեան պետական ծառայութենէն եւ աւելցուցին, որ աշխատանքի տեղաւորուածներու 60%ը կը պատկանի իգական սեռին:
Նոյն ամիսներուն, մասնագիտական ուսուցման ծրագիրներուն մէջ ընդգրկուած են 763 գործազուրկներ, որոնցմէ 410ը պետական ամավարկի, իսկ 353ը ընկերային ապահովութեան պետական հիմնադրամի ֆինանսական միջոցներով: Վարձատրուող հասարակական աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուած է աշխատանք փնտռող 7913 [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ, Նոյեմբեր 21ին ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Եուրի Մերզլեաքովը (Ռուսիա) եւ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա): Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ա. Գասփրչիք:
Զրուցակիցները քննեցին ղարաբաղեան հարցի լուծման գործընթացի ներկայ փուլի եւ Նոյեմբեր 28-29ին Մինսքի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ գերաստիճանի շրջանակով Հայաստանի [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երէկ հաղորդուեցաւ, թէ Եւրոպական միութիւնը իր արեւելեան դրացիներուն, ներառեալ Հայաստանի, տրուող օժանդակութիւնները պիտի աւելցնէ զգալի չափով, զօրակցելու համար խնդրոյ առարկայ երկիրներու ժողովրդավարութեան եւ տնտեսական զարգացումին:
Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ հրապարակուելիք զեկոյց մը կը նախատեսէ Եւրոպական միութեան կողմէ մինչեւ 300 միլիոն եուրօ տրամադրել այն երկիրներուն, որոնք քաղաքական բարեփոխումներ կ’իրականացնեն արագ կշռոյթով եւ 700 միլիոն եուրօ՝ տնտեսական ներդրումներու [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Վստահ եմ, որ եւ ԱՊՀն ընդհանրապէս բարեփոխումների կարիք ունի՝ համապատասխանելու համար այսօրուայ խնդիրներին եւ մարտահրաւէրներին, եւ, մասնաւորապէս, ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովը», Նոյեմբեր 21ի ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Տիգրան Թորոսեան: Ան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Նոյեմբեր 16ին տեղի ունեցած ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նստաշրջանի եւ Սան Մարինոյի մէջ Նոյեմբեր [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Նոյեմբեր 21ին ընդունեց ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի նախագահ-գործադիր քարտուղար Վլատիմիր Ռուշայլոն:
Կողմերը քննեցին յառաջիկային Մինսքի մէջ նախատեսուած ԱՊՀ գերաստիճանի օրակարգին կապուած հարցեր:
Վլատիմիր Ռուշայլօ Քոչարեանին տեղեկութիւններ հաղորդեց ԱՊՀէն ներս արձանագրուող զարգացումներուն, ԱՊՀ կառոյցներու բարեփոխումներուն գծով առաջարկներուն վերաբերեալ:
Նոյն օրը, Ռոշայլօ ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի կողմէ:
Վ. Ռուշայլօ վարչապետ [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Հայաստան | Read More »
Նոյեմբերի 14ին Պրիւքսէլում Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի անհատական ծրագրերի ստորագրումը դարձաւ գլխաւոր արտաքին քաղաքական իրադարձութիւնը հարաւային Կովկասի երեք երկրների համար։ Ինչպէս յայտարարեց արտաքին կապերի եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան եւրոյանձնակատար Պենիթա Ֆերերօ-Վալտնըրը, Եւրայանձնաժողովն այդ փաստաթղթերը երեք պետութիւնների հետ յատուկ միաժամանակ ստորագրեց։ «Գործողութիւնների ծրագրերը միտուած են տարածաշրջանային համարկման զարգացմանը։ Այսօր մենք պէտք է իւրաքանչիւր երկրի հետ [...]
November 22nd, 2006
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Միջազգային թափանցիկութիւն կազմակերպութեան կատարած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, տնտեսապէս հզօրագոյն 30 երկիրները՝ Չինաստան, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ունին կաշառքներ ստացող եւ քաջալերող ամենաբարձր համեմատութեամբ պետական պաշտօնատարները, մինչդեռ այդ համեմատու
November 22nd, 2006
| Posted in Միջազգային | Read More »