Home » December 29th, 2006Entries posted on “December, 2006”

Շարք Մը Պետական Գործիչներ Պարգեւատրուեցան «Անանիա Շիրակացի» Շքանշանով

Շարք Մը Պետական Գործիչներ Պարգեւատրուեցան «Անանիա Շիրակացի» Շքանշանով

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Դեկտեմբեր 27ի հրամանագիրով, պետական կառավարման համակարգին մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրուեցան հարկային պետական ծառայութեան պետի տեղակալ Արմէն Ալավերդեան, գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Սամուէլ Գալստեան, ուժանիւթի փոխնախարար Լեւոն Շահվերդեան, բնապահպանութեան փոխնախարար Սիմոն Պապեան եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Արայիկ Պետրոսեան:

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՄԵՐ ՅԱՉՈՐԴ ԹԻՒԸ

ՄԵՐ ՅԱՉՈՐԴ ԹԻՒԸ

Նոր տարուան առիթով «Ասպարէզ»ի խմբագրատունը փակ պիտի մնայ Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2007ին:
Մեր յաջորդ թիւը՝ Չորեքշաբթի, 3 Յունուար 2007ին, տրուած ըլլալով, որ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30ի թիւը մեր բացառիկ համարն էր եւ արդէն իսկ լոյս տեսած է:
Նոր տարուան առիթով խմբագրութիւնս կը շնորհաւորէ համայն հայ ժողովուրդը, մաղթելով բարեյոյս նոր տարի մը:

December 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՉ, «ՇԱԼԻԹ ՏԱԿԱՒԻՆ ՈՂՉ Է», Կ՚ԸՍԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՊՈՒԼ ՂԷՅԹ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՉ, «ՇԱԼԻԹ ՏԱԿԱՒԻՆ ՈՂՉ Է», Կ՚ԸՍԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՊՈՒԼ ՂԷՅԹ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմատ ապուլ Ղէյթ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Երուսաղէմի մէջ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ: Խորհրդակցութիւններէն ետք ան տուաւ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը իր իսրայէլացի պաշտօնակից Ցիփի Լիվնիի հետ:
Եգիպտացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ պաղեստինեան «Համաս» կուսակցութեան զինեալներուն կողմէ այս տարուան Յունիսին գերի բռնուած իսրայէլացի զինուորը՝ Կիլատ Շալիթ ողջ է, եւ Եգիպտոս [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄՈԹԹԱՔԻ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ ՊԵՆԵՏԻՔԹ ԺԶ. ՊԱՊԻՆ

ՄՈԹԹԱՔԻ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ ՊԵՆԵՏԻՔԹ ԺԶ. ՊԱՊԻՆ

ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքի Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Վատիկանի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Պենետիքթ ԺԶ. պապին հետ եւ անոր փոխանցեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատէն պատգամ մը:
Վատիկանի լրատու սպասարկութիւնը ոչինչ հաղորդեց պատգամի բովանդակութեան մասին, իսկ Իրանի պետական լրատու գործակալութիւնը միայն ըսաւ, որ պատգամը քաղաքական հարցերու հետ առնչութիւն չունի, այլ՝ կ’արծարծէ միջկրօնական կապերու [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Տօնական Օրերը Եւ Մեր Դէմքերը

Տօնական Օրերը Եւ Մեր Դէմքերը

Թէեւ շատ հաճելի են տօնական օրերը ու անակնկալներով լեցուն, սակայն այդ հաճոյքը իր հետ միասին ունի նաեւ յոգնութիւն, որ ակներեւ կ’ըլլայ մեր դէմքերուն վրայ: Ամբողջ ցերեկը շուկաները սպառիլ ու գիշերը այդ գնումները դասաւորել, փաթթել եւ տեղաւորել: Ճաշեր պատրաստել եւ հիւրերու մասին մտածել: Համով պատառները տեսնել ուտել եւ երբեմն չափազանցել: Այս բոլորը բաւականին լարուածութիւն ու գերճնշուածութիւն [...]

December 29th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Կրթական Նոր Համալիր Ֆրանսայի Մէջ

Կրթական Նոր Համալիր Ֆրանսայի Մէջ

Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ առաջին քարի զետեղումը ֆրանսական-հայկական «Նուարդ Կիւլպէնկեան» վարժարանին եւ «Դպրոցասէր» մշակութային կեդրոնին։ 1600 քառ. մեթր տարածութեան ունեցող վայրին մէջ վարժարանը պիտի սկսի գործել 2007 Սեպտեմբերին եւ պիտի ընդունի 400 աշակերտ, որոնք պիտի աւելնան «Դպրոցասէր» վարժարանի 265 աշակերտներուն վրայ։
Վարժարանը կը գտնուի Փարիզի մօտ, Լիվրի Կարկան եւ Լէօ Ռէյնսի թաղապետութիւններուն սահմաններուն մէջ։ [...]

December 29th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Սոմալիի Ժամանակաւոր Կառավարութեան Ուժերը Մոկատիշու Կը Մտնեն

Սոմալիի Ժամանակաւոր Կառավարութեան Ուժերը Մոկատիշու Կը Մտնեն

ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Յունիսին մայրաքաղաքէն հեռացուած Սոմալիի ժամանակաւոր կառավարութեան համակիր զինուորներ, Եթովպիոյ զինուորական ուժերու օժանակութեամբ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին մայրաքաղաքէն ներս մուտք գործեցին, երբ Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալները հոնկէ անակնկալօրէն քաշուեցան:
Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալներուն ղեկավարներէն մէկը ըսաւ, որ իրենք պարզապէս փոխած են իրենց մարտավարութիւնը: «Մեր պատերազմի օձերը ազատ արձակեցինք, եւ անոնք թշնամին պիտի խայթեն Սոմալիի ամբողջ [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ռուսիոյ Նախագահը Ամանորի Առթիւ Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Քոչարեանը

Ռուսիոյ Նախագահը Ամանորի Առթիւ Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Քոչարեանը

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ամանորի առթիւ շնորհաւորեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը:
Ինչպէս ըսուած է Քրեմլինի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, շնորհաւորելով Հայաստանի նախագահը, Փութին նշած է, որ «անցնող 2006 թուականը յիշարժան էր Ռուսաստանում Հայաստանի տարուայ յագեցուած ծրագրով: Այդ ընդգրկուն մարդասիրական նախագիծն ըստ ամենայնի նպաստեց ռուս-հայկական ռազմավարական գործընկերութեան հետագայ համակողմանի զարգացմանը»:
«Համատեղ ջանքերով յաջողուեց էլ աւելի վեր [...]

December 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ս. Ծննդեան Ընդունելութիւն Առաջնորդարանէն Ներս

Ս. Ծննդեան Ընդունելութիւն Առաջնորդարանէն Ներս

Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի դիւանը (Պըրպէնք) թեմի հոգեւոր հովիւներուն, ծխական խորհուրդներուն, թեմական պատգամաւորներուն, յարակից բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդէ, թէ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը՝ նախորդ տարիներու նման, Յունուար 6ին, 2007 Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդ Յովնան արք. [...]

December 29th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՀՕՄԻ Պըրպէնքի «Արազ» Մասնաճիւղը Տօնախմբեց Իր 15 Ամեակը «ՄԵՆՔ՝ ՈՒԽՏԵԱԼՆԵՐ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԻՆ»

ՀՕՄԻ Պըրպէնքի «Արազ» Մասնաճիւղը Տօնախմբեց Իր 15 Ամեակը «ՄԵՆՔ՝ ՈՒԽՏԵԱԼՆԵՐ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԻՆ»

15 տարիներ առաջ, 1991ին ՀՕՄի մեծ ընտանիքին միացաւ Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղը: Հազիւ տասը ընկերուհիներով սկիզբ առած այս մասնաճիւղը այսօր ոչ միայն բազմապատկած է իր շարքերը, այլ բեղուն գործունէութեամբ տիրական ներկայութիւն դարձած է շրջանէն ներս: Այս ուրախ առիթով Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան, մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի 15ամեակը, Կլէնտէյլի «Պրանտվիու քոլէքշըն» ճաշարանի [...]

December 29th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Հայ-Արաբ Բարեկամութեան Կոթող

Հայ-Արաբ Բարեկամութեան Կոթող

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»- Դեկտեմբեր 28ի նիստին, կառավարութիւնը որոշեց թոյլատրել Երեւանի քաղաքապետին Երեւան քաղաքի Իսակով պողոտայի վրայ գտնուող 400 քառակուսի մեթր մակերեսով հողաշերտը ձրի տրամադրել Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ՝ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող կոթող տեղադրելու նպատակով:

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Թուրքիա Ամերիկայէն Կ՚ակնկալէ Ցարդ Ցուցաբերուած «Ողջախոհ» Կեցուածքին Վրայ Մնալ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Թուրքիա Ամերիկայէն Կ՚ակնկալէ Ցարդ Ցուցաբերուած «Ողջախոհ» Կեցուածքին Վրայ Մնալ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հաւանական վաւերացման հարցին կապակցութեամբ քօղարկուած ազդարարութիւն մը ուղղեց Ուաշինկթընի:
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախարարութեան բանբեր Նամըք Թան լրագրողի մը հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ նախարարութիւնը Ամերիկայի իշխանութիւններէն պահանջած է, որ այդ երկիրը շարունակէ իր ցարդ ցուցաբերած «ողջախոհ» կեցուածքը [...]

December 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԱԿԱՌԱԿ ՍԱՍՏԻԿ ՑՈՒՐՏԻՆ, ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ ԲԱՑ ՆՍՏԱՑՈՅՑԻՆ

ՀԱԿԱՌԱԿ ՍԱՍՏԻԿ ՑՈՒՐՏԻՆ, ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀՌՉԱԿՈՒԱԾ ԲԱՑ ՆՍՏԱՑՈՅՑԻՆ

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ երկիրին մէջ տիրող սաստիկ ցուրտին՝ հազարաւոր լիբանանցի քաղաքացիներ կը շարունակեն մասնակցիլ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան դէմ հռչակուած բաց նստացոյցին, Պէյրութի Ռիատ Սոլհի եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ։
Յաջորդական 28րդ օրը ըլլալով ցուցարարները Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին դարձեալ պահանջեցին վարչապետին պաշտօնազրկումը, ինչպէս նաեւ սովորական ընթացքով շարունակեցին իրենց յետմիջօրէի քաղաքական եւ գեղարուեստական յայտագիրները։
Նկատառելի էր այն [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մեծ Ընտանիքը Նորանոր Նուաճումներու Հաստատակամութեամբ Կը Դիմաւորէ Նոր Տարին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մեծ Ընտանիքը Նորանոր Նուաճումներու Հաստատակամութեամբ Կը Դիմաւորէ Նոր Տարին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ աւանդութիւնը հաստատած է ամէն տարեվերջի, հիւրասիրութեան յատուկ երեկոյի մը ընթացքին իր երախտագիտութիւնը յայտնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի բոլոր նուիրեալներուն, որոնք առանց սակարկութեան իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն հայ երիտասարդութեան առողջ միջավայր մը ստեղծած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
Երեկոն նաեւ գեղեցիկ առիթ մը կը հանդիսանայ շնորհակալութիւն յայտնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր գործակիցներուն, բարեկամներուն, բարերարներուն եւ [...]

December 29th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՂՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԵՏՔ Նախկին Նախագահ Ֆորտ Հողին Պիտի Յանձնուի Չորեքշաբթի Օր

ՊԵՏԱԿԱՆ ԹԱՂՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԵՏՔ Նախկին Նախագահ Ֆորտ Հողին Պիտի Յանձնուի Չորեքշաբթի Օր

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին հրապարակուեցան նախկին նախագահ Ճերըլտ Ֆորտի թաղման արարողութեան մանրամասնութիւնները, որոնք պիտի սկսին այսօր (Ուրբաթ օր), Քալիֆորնիոյ Փալմ Տեզըրթ քաղաքին եկեցիներէն մէկուն մէջ կայանալիք արարողութեամբ մը, որմէ ետք Ֆորտի դին Ուաշինկթըն պիտի փոխադրուի: Շաբաթ օր նախատեսուած պետական թաղման արարողութենէն ետք ժողովուրդը յառաջիկայ երկու օրերուն առիթը պիտի ունենայ յարգանքի իր վերջին տուրքը մատուցելու [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԻՍՐԱՅԷԼ Կ՚ՈՐՈՇԷ ՎԵՐՍԿՍԻԼ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ԻՍՐԱՅԷԼ Կ՚ՈՐՈՇԷ ՎԵՐՍԿՍԻԼ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան հրթիռարձակումներուն հակազդելով՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին որոշեց վերսկսիլ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու վրայ «ճշգրիտ» հարուածներուն:
Կազայէն արձակուած հրթիռ մը Չորեքշաբթի օր հարաւային Իսրայէլի Ստերոթ քաղաքին մէջ վիրաւորեց երկու պատանիներ:
Իսրայէլեան որոշումին յայտարարութենէն կարճ ատեն ետք երկրորդ հրթիռ մը Կազայէն արձակուեցաւ Ստերոթի վրայ: Հինգշաբթի օր եւս երկու հրթիռներ արձակուեցան Կազայէն, առանց մարդկային զոհեր [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԻՐԱՔ Իրաւական Բանավէճ Սատտամի Մահավճիռին Գծով

ԻՐԱՔ Իրաւական Բանավէճ Սատտամի Մահավճիռին Գծով

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մէջ ծայր առած է իրաւական բանավէճ մը, թէ նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ արձակուած մահավճիռի գործադրութիւնը երկրի նախագահին ստորագրութեան կը կարօտի՞, թէ ոչ:
Ըստ սահմանադրութեան՝ նախագահն ու փոխնախագահները պէտք է ստորագրեն վճիռի գործադրութեան հրամանը:
Բայց Իրաքի վճռաբեկ գերագոյն ատեանը նախանցեալ օր հրամայած էր գործադրել վճիռը: Իրաւաբաններէն ոմանք կ՚ըսեն, որ գերագոյն ատեանի որոշումը [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԹՈՒՐՔԻԱ Պայքալի Եւ Էրտողանի Միջեւ Վէճը Լարուած Մթնոլորտ Ստեղծեց

ԹՈՒՐՔԻԱ Պայքալի Եւ Էրտողանի Միջեւ Վէճը Լարուած Մթնոլորտ Ստեղծեց

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ նախանցեալ օր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Տէնիզ Պայքալի գրգռիչ մէկ խօսքէն ետք ստեղծուած բանավէճը երկու օրէ ի վեր լայն արձագանգ գտած է թրքական մամուլէն ներս։ Թերթերը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին հրատարակած են այդ վէճին ընթացքին արտասանուած խօսքերու ատենագրութիւնները, դիտել տալով սակայն, որ բազմաթիւ հայհոյանքներ ու նախատինքներ չեն արձանագրուած այդ ատենագրութեանց [...]

December 29th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Աշխարհահռչակ Երգիծանկարիչ Սարուխանի Անունով Փողոց՝ Գահիրէի Մէջ

Աշխարհահռչակ Երգիծանկարիչ Սարուխանի Անունով Փողոց՝ Գահիրէի Մէջ

Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Չահակիր» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, թէ Եգիպտոսի մայրաքաղաքի կառավարիչի հրամանագրով, որոշուած է քաղաքի փողոցներէն մէկը անուանակոչել հայ մեծանուն երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի անունով, իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն եգիպտական երգիծանկարչութեան մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին։
Սարուխան մեծ յարգանք կը վայելէր արաբական լրատուական շրջանակներու մօտ եւ երկար տարիներ աշխատակցած է արաբական «Ռոզ էլ Եուսէֆ», «Ախէր Սաա», «Ախպար [...]

December 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Արցախի Խորհրդարանը Կը Դիմէ Միջազգային Կառոյցներուն «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅԱՑԱԾ Է ՈՐՊԷՍ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ»

Արցախի Խորհրդարանը Կը Դիմէ Միջազգային Կառոյցներուն «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅԱՑԱԾ Է ՈՐՊԷՍ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ»

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, Karabakhopen.com.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանը Չորեքշաբթի օր հրապարակեց փաստաթուղթ մը, ուր ներկայացնելով Արցախի հարցի քաղաքական եւ օրինական բոլոր հիմնական հանգրուանները, կը հաստատէ, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները չեն կրնար անտեսել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Խորհրդարանը իր այս փատաթուղթը յղեց ՄԱԿին, եւրոպական բոլոր կառոյցներուն, ներառեալ՝ Մինսքի խումբին:
Ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք Արցախի հարցի ծագումը եւ յստակօրէն բնութագրելով [...]

December 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Արցախեան Գոյամարտին Զոհուած Ազատամարտիկներու Յուշակոթող Էջմիածինի Մէջ

Արցախեան Գոյամարտին Զոհուած Ազատամարտիկներու Յուշակոթող Էջմիածինի Մէջ

ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Էջմիածինի մէջ պիտի տեղադրուի արցախեան գոյամարտին նահատակուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը, որու հեղինակն է Արա Շիրազ:
Յուշարձանը պիտի ունենայ 4 մեթր բարձրութիւն, պիտի ներկայացնէ երկու յուշասիւներով շրջապատուած պազալթէ քանդակ: Յուշակոթողի համար նախատեսուած տարածքը պիտի բարեկարգուի, իսկ յուշակոթողի բացումը կը նախատեսուի Հոկտեմբեր 8ին՝ Էջմիածինին նուիրուած տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս:

December 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Արհեստի Եւ Արուեստի Կեդրոններ Հաշմանդամներուն Համար

Արհեստի Եւ Արուեստի Կեդրոններ Հաշմանդամներուն Համար

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հաշմանդամներու հարցերով զբաղող «Փիւնիկ» հասարակական կազմակերպութիւնը 2007ի Յունուարի վերջին օրերուն պիտի իրականացնէ «Երեւանի եւ Գիւմիրի մէջ հաշմանդամներու համար արուեստի եւ արհեստի կեդրոններու ստեղծում» ծրագիրը:
Այս մասին Դեկտեմբեր 28ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց կազմակերպութեան նախագահ Յակոբ Աբրահամեան եւ նշեց, որ ծրագիրի նպատակն է անպաշտպան հաշմանդամներու համար աշխատատեղեր ստեղծել:
Ծրագիրի առաջին փուլին պիտի ընդգրկուին մօտ [...]

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱՐՑԱԽ Դաշնակցութիւնը Համաձայն Է Եւրոմիութեան Հետ Գործակցութեան

ԱՐՑԱԽ Դաշնակցութիւնը Համաձայն Է Եւրոմիութեան Հետ Գործակցութեան

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, Karabakhopen.com.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեանի կարծիքով, միջազգային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան ուղղակի շփումները Ղարաբաղի հետ ողջունելի են:
«Չեմ կարծում, որ այդ համագործակցութիւնը միայն քաղաքական ոլորտում է լինելու: Ցանկացած ոլորտում էլ հնարաւոր է համատեղ աշխատանքը» ըսաւ Ա. Մոսիյեան, մեկնաբանելով հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի յայտարարութիւնը:
Ըստ իրեն, [...]

December 29th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

2007ին Պիտի Աւարտին 18 Շարժանկարներու Նկարահանումները

2007ին Պիտի Աւարտին 18 Շարժանկարներու Նկարահանումները

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գալիք տարի պիտի աւարտին հայկական խաղարկային՝ «Սողանք», «Նա եւ Նէ», «Այգաբաց», «Չուող թռչուններ» եւ 14 վաւերագրական շարժանկարներու՝ «Հեռու-մօտիկ», «Թոնինօ Կուերան եւ Հայաստանը», «Հայոց այբուբենի 1600ամեայ գաղտնիքը» եւ այլ շարժանկարներու նկարահանումները:
Այս տարի նկարահանուած են եօթը խաղարկային եւ 10 վաւերագրական շարժանկարներ:
Ըստ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան տեղեկատուութեան, 2006ին պետական աջակցութեամբ կազմակերպուած են երեք՝ [...]

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

2006ի Հայաստանի Տասը Գլխաւոր Իրադարձութիւնները՝ Ըստ «Ազատութիւն» Կայանի

2006ի Հայաստանի Տասը Գլխաւոր Իրադարձութիւնները՝ Ըստ «Ազատութիւն» Կայանի

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, Հայաստանի 2006ի 10 գլխաւոր իրադարձութիւններն են.-
– A320 հայկական օդանաւի աղէտը Սոչիի մէջ, ոչ նուազ առեղծուածային էր Ազգային ժողովի խօսնակ Արթուր Բաղդասարեանի հրաժարականը եւ իշխող համախոհութեան փլուզումը խորհրդարանական ընտրութիւններէն մէկ տարի առաջ:
– ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Մէթիու Պրայզայի շնորհիւ ղարաբաղեան բանակցութիւններու որոշ մանրամասնութիւններու բացայայտումները:
– Պաշտպանութեան [...]

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Գեղարքունիքը Եւ Ֆրանսայի Իզեր Մարզը Կը Գործակցին

Գեղարքունիքը Եւ Ֆրանսայի Իզեր Մարզը Կը Գործակցին

ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Կը շարունակուի Ֆրանսայի Իզեր եւ Գեղարքունիքի մարզերու տնտեսական եւ կրթամշակութային գործակցութիւնը: Աստիճանաբար տեսանելի քայլեր կը ձեռնարկուին թէ՛ կրթութեան եւ առողջապահութեան եւ թէ զբօսաշրջութեան զարգացման բնագաւառներուն մէջ:
Ֆրանսական «Աֆրատ» զբօսաշրջութեան ընկերութեան եւ Գեղարքունիքի մարզպետարանի միջեւ կայացած նախնական համաձայնութեամբ, 2007ին Ֆրանսայէն Սեւան պիտի ժամանեն զբօսաշրջիկներու առաջին խումբերը, որոնց համար սահմանուած երթուղին պիտի ընդգրկէ Սեւան քաղաքը, [...]

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Հազարամեակի Մարտահրաւէր»ը Տրամադրեց Առաջին Յատկացման 2րդ Մասնաբաժինը

«Հազարամեակի Մարտահրաւէր»ը Տրամադրեց Առաջին Յատկացման 2րդ Մասնաբաժինը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ամերիկեան հիմնադրամը (ՀՄ), ինչպէս նախատեսուած էր, Դեկտեմբեր 28ին «Հազարամեակի մարտահրաւէր հիմնադրամ-Հայաստան» ծրագիրին տրամադրեց առաջին յատկացման երկրորդ մասնավճարը՝ 507.653 տոլար:
Առաջին մասնավճարը, 882 հազար տոլար, փոխանցուած էր Դեկտեմբերի սկիզբը:
ՀՄի եւ ՀՀ կառավարութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրով նախատեսուած միջոցները (5 տարուան ընթացքին՝ 236 միլիոն տոլար) միանուագ վճարումով պիտի չտրամադրուին Հայաստանին, իսկ այլ [...]

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

«ԱՆՄԵՂ ՄԵՂԱՊԱՐՏԸ՝ ՊԱՏԱՐԱԳ» Կ’օրհնաբանէ՝ Ժաք Ս. Յակոբեան

«ԱՆՄԵՂ ՄԵՂԱՊԱՐՏԸ՝ ՊԱՏԱՐԱԳ» Կ’օրհնաբանէ՝ Ժաք Ս. Յակոբեան

Գիրքը փոխան յառաջաբանի, կը բացուի Ն.Ս. Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի անձնական նամակով։ Արամ կաթողիկոս նախ բարձր կը գնահատէ հեղինակին հոգեմտաւոր աշխատանքը ու վեր առնելով անոր աստուածատուր իրա՛ւ գրագէտի արժանիքները կը նշէ. «երանի՜ անոնց, որոնք իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը միտքով կ’արժեւորեն ու հոգիով կը պայծառակերպեն։ … Դուն կրցած ես հաւատքը ու գաղափարականը, ազգայինը ու համամարդկայինը իրենց ներքին [...]

December 29th, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Բացի Սելիմի Լեռնանցքէն, Միւս Մայրուղիները Բաց Են

Բացի Սելիմի Լեռնանցքէն, Միւս Մայրուղիները Բաց Են

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տեղացած առատ ձիւնի պատճառով, Դեկտեմբեր 28ի դրութեամբ փակ է Սելիմի լեռնանցքը, տեղ-տեղ բուք է Սիսիանի եւ Գորիսի մէջ, իսկ միջպետական եւ հանրապետական միւս ճամբաները անցանելի են:
Ըստ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան աղբիւրներու, միջպետական եւ հանրապետական մայրուղիները մաքրելու համար կ’աշխատին ձիւնահաւաք 300 մեքենաներ, ճանապարհները կը ծածկուին աղով եւ աւազով:

December 29th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՆԻՔԼԸՍ ՊԸՐՆԶԻ ՉՔՄԵՂԱՆՔԸ Պուշի Վարչակազմը Երբեք Չէ Հերքած Հայերու Բնաջնջումը

ՆԻՔԼԸՍ ՊԸՐՆԶԻ ՉՔՄԵՂԱՆՔԸ Պուշի Վարչակազմը Երբեք Չէ Հերքած Հայերու Բնաջնջումը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, Էյ. Փի.- Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Նիքլըս Պըրնզ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը երբեք չէ հերքած 1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը։
Ըստ երեւոյթին, Պըրնզ նամակ մը յղած է քոնկրէսականի մը, փորձելով «բացատրել», թէ ինչո՞ւ Պուշի վարչակազմը չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Էյ. Փի. լրատու գործակալութիւնը չհաղորդեց, թէ նամակը ո՞ր քոնկրէսականի գրասենակէն յղուած է իրեն, որովհետեւ [...]

December 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՄԿԽ Այցելեց Հայաստանին Յանձնուած Ատրպէյճանցի Զինուորին

ՄԿԽ Այցելեց Հայաստանին Յանձնուած Ատրպէյճանցի Զինուորին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային կարմիր խաչի (ՄԿԽ) ներկայացուցիչներ կանոնաւոր այցելութիւններ կը կատարեն Դեկտեմբեր 24ին հայկական բանակային դիրքերէն մէկուն գերի յանձնուած Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Սամիտ Մամէտովի արգելափակման վայր:
ՄԿԽի հայաստանեան գրասենեակէն յայտնեցին, որ գերիին վերադարձը կը կազմակերպուի միայն երկու կողմերու պահանջով եւ զինուորի կամքով:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի բանակի զինուորը իր արարքը բացատրած է սպաներու կողմէ պարբերաբար ծաղրանքի [...]

December 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Եգիպտահայ Կեանք ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԻ

Եգիպտահայ Կեանք ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԻ

Գրական երեկոներու «Բանաստեղծներու հետ» շարքին երկրորդը՝ նուիրուած նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի (Ատոմ Եարճանեան) քերթողական արուեստին, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2006ի երեկոյեան, Գահիրէի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ: Ներկայ էր գրասէր՝ հայ գրականութեան ծարաւն զգացող հասարակութիւն մը:
Յանուն կազմակերպիչներուն ներկաները ողջունելէ ետք, բժ. Արմէն Մազլումեան ամպիոն հրաւիրեց Վարուժան Գազանճեանը, ներկայացնելու քերթողն ու իր վաստակը:
Այս [...]

December 28th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Կազմուած Է «Օտարման Ոչ Ենթակայ» Պատմամշակութային Յուշարձաններու Ցանկը

Կազմուած Է «Օտարման Ոչ Ենթակայ» Պատմամշակութային Յուշարձաններու Ցանկը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնը կազմած է ցանկը այն յուշարձաններուն, որոնք սեփակաշնորհման կամ վաճառքի ենթակայ չեն:
Ցանկին մէջ ընդգրկուած է 18 հազարէ աւելի յուշարձան: Այս մասին յայտնեց կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Սիմոնեան եւ նշեց, որ յիշեալ ցանկը արդէն ներկայացուած է նախարարութիւն, որ բոլոր շահագիգիռ գերատեսչութիւններու կարծիքները առնելէ յետոյ, զայն պիտի [...]

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՍՈՄԱԼԻԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵԹՈՎՊԻԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՐՉԱՓԱԿԷ ՄՈԿԱՏԻՇՈՒՆ

ՍՈՄԱԼԻԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵԹՈՎՊԻԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՐՉԱՓԱԿԷ ՄՈԿԱՏԻՇՈՒՆ

ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Սոմալիի մէջ շաբաթասկիզբը սկսած ռազմական գործողութիւնները անկիւնադարձ մը ապրեցան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին, երբ 2006ի առաջին ամիսներէն ի վեր անընդհատ յառաջխաղացք կատարած Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալեները շրջափակուեցան Մոկատիշուի մէջ: Անոնք մէկ օր առաջ սկսած էին նահանջել, տեղի տալով Եթովպիոյ եւ ժամանակաւոր կառավարութեան յառաջխաղացքին:
Երեք ճակատներէ յառաջացող ուժերը գրաւցին Ճաուհար եւ Պալատ քաղաքները: Այս վերջինը [...]

December 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները՝ Մայիս 1-14ի Միջեւ

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները՝ Մայիս 1-14ի Միջեւ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ի խորհրդարանական ընտրութիւններու թուական կրնայ ճշդուիլ Մայիս 1-14 օրերէն մէկը, այս մասին յայտնեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Գարեգին Ազարեան եւ նշեց, որ յստակ օրը պիտի հրապարակուի քուէարկութիւնէն առնուազն 100 օր առաջ՝ նախագահի հրամանագիրով:
ԿԸՅ նախագահը, անդրադառնալով ընտրական օրէնքի փոփոխութիւններուն, նշեց, որ ան հնարաւորութիւն պիտի տայ ապահովելու ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ:
ԿԸՅ նախագահը [...]

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԼԻԲԱՆԱՆ Սինիորա Համաձայն Չէ Նախկին Վարչապետ Հըսի Նախաձեռնութեան

ԼԻԲԱՆԱՆ Սինիորա Համաձայն Չէ Նախկին Վարչապետ Հըսի Նախաձեռնութեան

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորային, որոնց յանձնեց անցեալ շաբաթավերջին իր առաջադրած նախաձեռնութենէն օրինակներ։ Հըսի նախաձեռնութեան համաձայն գտնուեցաւ խորհրդարանի նախագահը, իսկ վարչապետը՝ տարակարծիք։
Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Հըս յայտնեց, որ Պըրրի համակարծիք գտնուած է իր նախաձեռնութեան՝ նշելով միաժամանակ, որ հանդիպումը ընթացած է [...]

December 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հանրապետութեան Հրապարակի Ամանորեայ Տօնական Հանդիսութիւնները Դեկտեմբեր 31էն

Հանրապետութեան Հրապարակի Ամանորեայ Տօնական Հանդիսութիւնները Դեկտեմբեր 31էն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 31ի երեկոյեան, ժամը 20էն սկսեալ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի սկսին ամանորեայ տօնական հանդիսութիւնները: Այդ օրը տօնական համերգը պիտի շարունակուի մինչեւ առաւօտեան ժամը 2 եւ պիտի եզրափակուի հրավառութեամբ: Յունուար 2ին, 4ին, 8ին եւ 10ին, ժամը 18-21, Ձմեռ պապի, Ձիւնանուշի եւ հեքիաթներու հերոսներու մասնակցութեամբ հանդիսութիւններ պիտի կազմակերպուին երեխաներուն համար, իսկ Յունուար 6ին պիտի նշուի [...]

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Լոս Անճելըս Կու Գայ

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Լոս Անճելըս Կու Գայ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Alfa Et. Inc. ընկերութիւնը հաղորդեց, թէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Քալիֆորնիա պիտի ժամանէ յառաջիկայ Յունուարին, Լոս Անճելըսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ մէկական մրցում կատարելու նպատակով:
Լոս Անճելըսի մէջ, Հայաստանի ազգային կազմը պիտի մրցի Փանամայի ազգային կազմին դէմ, Կիրակի, Յունուար 14, 2007ին, East Los Angeles College Stadium-ին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3ին: Փանամայի կազմը 2005ին [...]

December 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՇԻԻՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ՄՈՔԹԱՏԱ ՍԱՏՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՇԻԻՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ՄՈՔԹԱՏԱ ՍԱՏՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ

ՆԱՃԱՖ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին, հազարաւոր շիիներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Նաճաֆ քաղաքին մէջ, դատապարտելով նոյն օրը տեղի ունեցած շիի կրօնապետ Մուքթատա Սատրի բարձրաստիճան խորհրդականի մը սպանութիւնը: Խորհրդականը սպաննուած էր ամերիկացի զինուորներու կողմէ:
Յայտնենք, թէ Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ շարունակուեցան բախումները ամերիկեան ուժերուն եւ Սատրի համակիր Մեհտիի բանակին միջեւ: Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ [...]

December 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՀԴ 80 Միլիոն Տոլարի Վարկ Պիտի Յատկացնէ Գիւղատնտեսական Գործարարութեան

ՀԴ 80 Միլիոն Տոլարի Վարկ Պիտի Յատկացնէ Գիւղատնտեսական Գործարարութեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Համաշխարհային դրամատան եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի աջակցութեամբ 2006ին Հայաստանի գիւղատնտեսական հաստատութիւններուն տրուած են 4 միլիոն տոլար ընդհանուր գումարի վարկեր: Անոնք տրամադրուած են մինչեւ հինգ տարի ժամկէտով՝ տարեկան 9.8-10%ով:
Այս մասին Դեկտեմբեր 26ի ասուլիսի ընթացքին յայտնեց գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան եւ նշեց, որ վարկերը տրամադրուած են Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Տաւուշի մարզերու լեռնային [...]

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Թուրքիա Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Պաքուէն Վերադարձուած Հայ Դաշնակահարին Հարցով

Թուրքիա Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Պաքուէն Վերադարձուած Հայ Դաշնակահարին Հարցով

ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.», «Մարմարա».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին բացատրութիւն պահանջած են Ատրպէյճանէն, թրքահպատակ հայ դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի նկատմամբ ցուցաբերուած յոռի վերաբերումին կապակցութեամբ։
Պետիկեան թուրք նշանաւոր երգչուհի Սէրթապ Էրէնէրի ընկերակցած էր Պաքուի մէջ կազմակերպուած համերգի մը համար, սակայն Պաքուի օդակայանին մէջ Պուրակ Պետիկեան մեկուսացուած եւ յոռի վերաբերումի ենթարկուած էր հայկական ծագում ունենալու պատճառով։ Երկար ժամեր հոն [...]

December 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

3500 Ամերիկացի Զինուորներ Քուէյթ Պիտի Ղրկուին

3500 Ամերիկացի Զինուորներ Քուէյթ Պիտի Ղրկուին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին հաղորդեց, թէ 3500 ամերիկացի զինուորներ Քուէյթ պիտի հաստատուին, որպէսզի ի հարկին գործածուին շրջանային տագնապներ զսպելու աշխատանքներուն մէջ:
Նախագահ Ճորճ Պուշի կառավարութիւնը կը քննէ Իրաքի մէջ յաւելեալ զինուորներ հաստատելու կարելիութիւնը, եւ կարգ մը մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ այս քայլը շատ հաւանաբար այդ որոշումին գործադրութեան նախաքայլն է:
3500 [...]

December 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Անփոփոխ Մնաց Ժ. Սեֆիլեանի Արգելափակման Որոշումը

Անփոփոխ Մնաց Ժ. Սեֆիլեանի Արգելափակման Որոշումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Քրէական եւ զինուորական գործերով վերաքննիչ դատարանը Դեկտեմբեր 27ին մերժեց «Ազատագրուած տարածքներու պաշտպանութիւն» հասարակական նախաձեռնութեան համակարգող Ժիրայր Սեֆիլեանի խափանման միջոցը փոխելու դիմումը:
Այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Արմէն Եղեան: Ան նշեց, որ այդ որոշումին դէմ պիտի բողոքեն վճռաբեկ դատարանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ժ. Սեֆիլեան ձերբակալուած է բռնի ուժով իշխանափոխութեան կոչեր ընելու [...]

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱՄՆ Արտաքին Քաղաքականութեան Վերաիմաստաւորումը

ԱՄՆ Արտաքին Քաղաքականութեան Վերաիմաստաւորումը

2006թ. Նոյեմբերի 7ին ամերիկեան ընտրողները քուէարկեցին ընդդէմ Ճորճ Պուշ կրտսերի: Ընտրութիւնների արդիւնքները յայտարարելուց յետոյ համաշխարհային մամուլը հեղեղուեց բազմաթիւ վերլուծութիւններով, թէ ինչու Հանրապետական կուսակցութիւնը կորցրեց իր առաւելութիւնը միանգամից ե՛ւ Ծերակոյտում, ե՛ւ Քոնկրէսում: Հիմնականում գերիշխում է այն կարծիքը, որ Պուշը պարտուեց Իրաքում սկսած պատերազմի հետեւանքով, որի մեղքը Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, իր հմուտ քարոզչութեան շնորհիւ, կարողացաւ բարդել բացառապէս հանրապետական [...]

December 28th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԱՍԵՑՈՒՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՆԵՐԸ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԱՍԵՑՈՒՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԿԱՅԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՆԵՐԸ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի պատկերասփիւռի հաղորդումներու պատասխանատու պետական մարմինը որոշեց կասեցնել թրքական «Քանալ տէ» եւ «Սամանեօլու» կայաններու հաղորդումները, որոնք ցարդ անարգել կը սփռուէին:
Պատճառաբանութիւն այն էր, որ այս երկու կայանները մերժած են ստորագրել նման հաղորդումներ կատարելու յատուկ համաձայնութիւնը։ Այս որոշումէն ետք, միայն Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը, որ ստորագրած է այդ համաձայնագիրը, պիտի դիտուի Ատրպէյճանի մէջ։

December 28th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

2007ին Պետական Պատուէրով Պիտի Հրատարակուի 122 Գիրք

2007ին Պետական Պատուէրով Պիտի Հրատարակուի 122 Գիրք

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ին պետական ամավարկէն տրամադրուած 135.4 միլիոն դրամով պիտի հրատարակուի շուրջ 122 անուն գիրք՝ 38 մանկապատանեկան, 40 գեղարուեստական, 14 գիտահետազօտական, 16 թարգմանական, եօթական հանրագիտարանային ու յոբելենական գրականութենէն:
Ըստ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան տուեալներուն, 2006ին պետական պատուէրով տպագրուած է 137 անուն գիրք, մարզերուն մէջ մշակոյթի զարգացման ծրագիրով հրատարակուած են նաեւ «Գրական Լոռի», «Գրական Տաւուշ» [...]

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

2007ի Մշակոյթի Բնագաւառի Ծախսերուն Յատկացուած Է ՀՆԱի 0.3%ը

2007ի Մշակոյթի Բնագաւառի Ծախսերուն Յատկացուած Է ՀՆԱի 0.3%ը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007-2008ի մշակոյթի բնագաւառի միջնաժամկէտ ծրագիրով մշակոյթի պետական ծախսերու տեսակարար կշիռը համախառն ներքին արտադրանքին մէջ պիտի կազմէ համապատասխանաբար 0.3 եւ 0.29 տոկոս: Կառավարութեան 2006-2008 միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով մշակոյթի բնագաւառին (ներառեալ կառավարման համակարգի եւ շինարարութեան ծախսերը) նախատեսուած է յատկացնել 2007ին 7.66, իսկ 2008ին՝ 7.86 միլիառ դրամ:
Ծախսերու աճը 2007ին 2006ի համեմատ կը կազմէ 4 տոկոս, [...]

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԳԻՏԷԻ՞Ք… 1915ին Փասատինայի Rose Parade-ի Շքերթին Պետը Հայ Մը Եղած Է

ԳԻՏԷԻ՞Ք… 1915ին Փասատինայի Rose Parade-ի Շքերթին Պետը Հայ Մը Եղած Է

Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Յունուար 1ին, Փասատինա քաղաքը կը կազմակերպէ Վարդերու շքերթ՝ Rose Parade: Ամէն տարի միլիոնաւոր դիտողներ, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, հետաքրքրութեամբ կը հետեւին վարդերով ու ծաղիկներով գեղեցկօրէն զարդարուած կառքերուն, երկրի զանազան նահանգներու երկրորդական վարժարաններու փողերախումբերու, ձիաւորներու եւ շքերթի թագուհիին ու իշխանուհիներուն, որոնք տասնեակ հազարաւոր ներկաներու ծափողջոյններուն տակ կը տողանցեն Քոլորատօ պողոտայէն:
Սոյն աւանդութիւնը [...]

December 28th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«Մերտինեան» Վարժարանի 25րդ Տարեդարձը

«Մերտինեան» Վարժարանի 25րդ Տարեդարձը

Երէկ էր կարծես, երբ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու այս հեռաւոր, բայց պայծառ երկինքին տակ, առաջին Հայ Աւետարանական վարժարանը հիմնելու լուսաշող գաղափարը ունեցան խումբ մը նուիրեալներ: Մայրենի լեզուին եւ աւետարանական դաստիարակութեան նկատմամբ անոնց ունեցած անսասան հաւատքը նորածին վարժարանը դրաւ ամուր եւ հաստատ հիմերու վրայ եւ ահա, ան դարձած է 25 տարեկան:
2006—2007 ուսումնական տարեշրջանին «Մերտինեան» վարժարանը կը [...]

December 28th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«Լաքհիտ Մարթին» Պիտի Արդիականացնէ Թուրքիոյ «Էֆ. 16» Օդանաւերը

«Լաքհիտ Մարթին» Պիտի Արդիականացնէ Թուրքիոյ «Էֆ. 16» Օդանաւերը

ՖՈՐԹ ՈՒԸՐԹ, Թեքսաս, «Էյ.Փի.».- Ամերիկեան «Լաքհիտ Մարթին» կրցած է ապահովել Թուրքիոյ «Էֆ. 16» ռազմական օդանաւերը արդիականացնելու համաձայնագիրը, որ 635 միլիոն տոլար պիտի արժէ:
Ընկերութիւնը կ’ակնկալէ 216 օդանաւերը արդիականացնել մինչեւ 2016: Արդիականացման ծրագրին մեծ մասը պիտի իրագործուի «Լաքհիտ Մարթին» ընկերութեան Թեքսասի եւ Անգարայի մէջ գտնուող գործարաններուն մէջ:

December 28th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

«ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՈՂՉՈՒՆԵԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹԸ

«ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՈՂՉՈՒՆԵԼԻ ԵՐԵԿՈՅԹԸ

Երկրորդ տարին ըլլալով, «Յուսաբեր» Մշակութային ընկերակցութեան նոր սերունդի «Սարտարապատ» պարախումբը, իր 38 եւ մեծամասնաբար եօթէն 16 տարեկան անդամ-անդամուհիներով, ներկայացաւ եգիպտահայ մշակութասէր հասարակութեան՝ հայկական տոհմիկ, նաեւ արդի, եգիպտական, լիբանանեան, յունական պարերու ճոխ եւ հմայիչ յայտագրով մը:
Գահիրէի «Ժեզուիթ» վարժարանի ընդարձակ սրահը Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2006ի երեկոյեան ժամադրավայրը դարձած էր շուրջ 500 հայ եւ օտար հանդիսականներու, որոնք [...]

December 28th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«Անանիա Շիրակացի» Շքանշանով Պարգեւատրուեցան Կոտայքի Եւ Արարատի Մարզպետները

«Անանիա Շիրակացի» Շքանշանով Պարգեւատրուեցան Կոտայքի Եւ Արարատի Մարզպետները

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Դեկտեմբեր 26ի հրամանագիրով, պետական կառավարման համակարգին մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրուած են Կոտայքի եւ Արարատի մարզպետներ Քովալենքօ Շահգալդեանը եւ Ալիկ Սարգսեանը:

December 28th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

“Օլմերթ-Ապպաս Հանդիպում Երուսաղէմի Մէջ

“Օլմերթ-Ապպաս Հանդիպում Երուսաղէմի Մէջ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23ին երկարատեւ ժողով մը գումարեցին Երուսաղէմի մէջ։ Անոնք համաձայնեցան վերակենդանացնել խաղաղութեան բանակցութիւնները, եւ իսրայէլեան կողմը գործնական քայլեր առաւ՝ ամրապնդելու համար Ապպասի դիրքը ընդդէմ «Համաս» շարժումին։

December 27th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՆԻՃԵՐԻՈՅ ՄԷՉ ՔԱՐԻՒՂԱՏԱՐԻ ՄԸ ՀՐԴԵՀԸ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԶՈՀԵՐ ԿԸ ԽԼէ

ՆԻՃԵՐԻՈՅ ՄԷՉ ՔԱՐԻՒՂԱՏԱՐԻ ՄԸ ՀՐԴԵՀԸ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԶՈՀԵՐ ԿԸ ԽԼէ

ԼԱՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Նիճերիոյ մեծագոյն քաղաքին մէջէն անցնող քարիւղատարի մը հրդեհին հետեւանքով, հարիւրաւոր քաղաքացիներ մահացան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին:
Կարմիր խաչի տուեալներուն համաձայն, մահացած են առնուազն 269 քաղաքացիներ, մինչ տեղական աղբիւրներ զոհերուն թիւը 500ի մօտ կը դնէին:
Հրդեհը ծագած է, երբ զինեալ խմբաւորումի մը անդամներ պայթուցիկ նիւթերով քարիւղատարը ծակած են, անկէ քարիւղ գողնալու նպատակով: Նկարին մէջ, նիճերիացիք [...]

December 27th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Նախագահ Քոչարեանի Տարեվերջի Աւանդական Հանդիպումը Գործարարներուն Հետ

Նախագահ Քոչարեանի Տարեվերջի Աւանդական Հանդիպումը Գործարարներուն Հետ

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Անցնող տարին Հայաստանի տնտեսութեան համար եղած է ամենաարդիւնաւէտներէն մէկը՝ արձանագրելով աւելի քան 13 տոկոս աճ, այսպէս բնութագրեց 2006ի տնտեսական հանրագումարը նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, գործարար շրջանակներու շուրջ 60 ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած տարեվերջեան աւանդական հանդիպման ընթացքին:
Քոչարեան յայտնեց, որ տնտեսական աճի հիմնական մասը ապահովուած է շինարարութեան, առեւտուրի եւ ծառայութիւններու զարգացման շնորհիւ [...]

December 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՄԻՆՉ ՍԱՏՏԱՄԻ ՄԱՀԱՎՃԻՌԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ Իրաքի Տարածքին Յարձակումները Աւելի Քան 60 Զոհ Կը Խլեն

ՄԻՆՉ ՍԱՏՏԱՄԻ ՄԱՀԱՎՃԻՌԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ Իրաքի Տարածքին Յարձակումները Աւելի Քան 60 Զոհ Կը Խլեն

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին, իրաքեան վճռաբեկ ատեան մը հաստատեց Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ մահապատիժի վճիռը, պնդելով, թէ ան կրնայ 30 օրուան ընթացքին մահապատիժի ենթարկուիլ:
69ամեայ Սատտամի կողքին անոր երկու մօտիկ գործակիցներ եւս մահուան դատապարտուեցան Նոյեմբեր 2ին, 1982ին տեղի ունեցած Սատտամի դէմ մահափորձէ մը ետք 148 շիիներու սպանութեան պատճառով: Վճռաբեկ ատեանը Սատտամի վճիռին [...]

December 27th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄԻՆՉ ԱԼԻԵՒ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ՅՈԽՈՐՏԱՅ՝ Ազերի Զինուոր Մը Եւս Ինքզինք Հայաստանի Կը Յանձնէ

ՄԻՆՉ ԱԼԻԵՒ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ՅՈԽՈՐՏԱՅ՝ Ազերի Զինուոր Մը Եւս Ինքզինք Հայաստանի Կը Յանձնէ

ՊԱՔՈՒ, ԻՉԵՒԱՆ, ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- «Ատրպէյճանը երբեք չի համաձայնի ինքնիշխանութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղին եւ այդ շրջանի համար կը պայքարի, այդ թւում ռազմական ուժով», այսպիսի յայտարարութիւն կատարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Շաբաթ, Օգոստոս 23ին, «Էխօ Մոսկուա» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Իլհամ Ալիեւ աւելցուց ըսելով, որ «դա մեր հողն է, մեր տարածքն է»:
Յաջորդ օրը, Դեկտեմբեր [...]

December 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը Պատժամիջոցներ Որդեգրեց Իրանի Դէմ

ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը Պատժամիջոցներ Որդեգրեց Իրանի Դէմ

ՄԱԿ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23ին տուաւ որոշում մը, որուն հիմամբ Իրան կ՚ենթարկուի պատժամիջոցներու՝ իր հիւլէական ծրագիրը դադրեցնել մերժելուն պատճառով: Թեհրան Կիրակի օր բուռն հակազդեցութեամբ մը վերահաստատեց, որ պիտի չհրաժարի հիւլէական ուժանիւթ ունենալու իր իրաւունքէն:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի Շաբաթ օրուան նիստին քուէարկութեան դրուած բանաձեւը որդեգրուեցաւ ՄԱԿի Ուխտի Է. գլուխին հիմամբ: Այս հիման [...]

December 27th, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Վատ Եղանակի Պատճառով «Զուարթնոց» Օդակայանի Թռիչքներու Ժամանակացոյցը Խախտած Է

Վատ Եղանակի Պատճառով «Զուարթնոց» Օդակայանի Թռիչքներու Ժամանակացոյցը Խախտած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 26ի առաւօտուն, վատ եղանակի եւ ցած տեսանելիութեան պատճառով, «Զուարթնոց» օդանակայանին մէջ խախտած է թռիչքներու ժամանակացոյցը: Յետաձգուած են դէպի Մոսկուա եւ Քրասնոտար թռիչքները: Միաժամանակ յետաձգուած են նաեւ Լոնտոնէն, Սիմֆերոպոլէն, Հալէպէն, Մոսկուայէն, Ռոստովէն օդանաւներու ժամանումները:
Հանրապետութեան բոլոր ճանապարհահատուածները կը մաքրուին ձիւնէն:
Նշենք, որ հակառակ շրջաններու մեծ մասին մէջ տեղացող առատ ձիւնին՝ միջպետական եւ հանրապետական [...]

December 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Սերժ Սարգսեանի Յօդուածը՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութեանց Մասին

Սերժ Սարգսեանի Յօդուածը՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութեանց Մասին

Ամերիկեան «Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ» թերթը անցեալ Ուրբաթ օր հրապարակեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի «Հակառակ Ցեղասպանութեան» վերնագրուած յօդուածը, որուն մէջ ան յոյս կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները պիտի ընձեռեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու հաստատման՝ երկար սպասուած կարելիութիւնը։
«Մենք կը կարծենք, որ բանակցելով անդամակցութեան հարցով, թերեւս ալ իբրեւ Եւրոպական միութեան ապագայ [...]

December 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հանդիպում-Զրոյց Արմէն Ռուստամեանի Հետ

Հանդիպում-Զրոյց Արմէն Ռուստամեանի Հետ

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախմբի կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Դեկտեմբերի 19ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Կեդրոնական Կոմիտէի «Փէշէքէրեան» կենտրոնի ժողովասրահում տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Արմէն Ռուստամեանի հետ, որը կարճատեւ այցելութեամբ գտնւում էր Քալիֆորնիայում։
Հանդիպմանը մասնակցում էին համայնքիս շուրջ 50 անդամներ, որոնց թւում, [...]

December 27th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Հայաստան, Տուն Հայոց – Վերանկախացման Տասնհինգամեակ

Հայաստան, Տուն Հայոց – Վերանկախացման Տասնհինգամեակ

Սեպտեմբերին, Վիեննա, Պէյրութ, Թորոնթօ, Հայաստան, եւ հոն ուր հայեր կան, բազմամարդ կամ փոքրաթիւ հայ համայնքներ, նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման օրը: Անկախութիւն. կախարդական բառ՝ որ երեք սերունդներ օրօրեց երազներով, որոնք ցնորք կամ դաւաճանութիւն համարուեցան ապազգային հանգանակներու հետեւորդներուն կողմէ:
Անկախութիւն՝ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան, այլ նաեւ ազատագրուած Արցախի, որ հաւանօրէն հանդիսացաւ այն ճանապարհը, ուրկէ եկանք դէպի վերանկախացման [...]

December 27th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Համախարբերդի Հայրենակցական Միութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը Աննախընթաց Յաջողութիւն Արձանագրեց

Համախարբերդի Հայրենակցական Միութեան Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը Աննախընթաց Յաջողութիւն Արձանագրեց

Շաբաթ, Նոյեմբեր 11ի երեկոյեան, «Աւետիսեան» սրահին մէջ, Էնսինօ, տեղի ունեցաւ Համախարբերդի հայրենակցական միութեան տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, ներկայութեամբ աւելի քան 450 անձերու, նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Մատլէն Մարտիրոսեաններու: Բարի գալստեան խօսքէն ետք, վարչութեան ատենապետ Ժանօ Բրուտեան փոխանցեց վարչութեան խօսքը՝ ներկայացնելով միութեան բարեսիրական գործունէութիւնը սփիւռքահայ գաղութին մէջ, շեշտելով կարեւորութիւնը օժանդակելու կարիքաւոր խարբերդցի սաներուն: Ան նախ մասնաւոր [...]

December 27th, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Հատուկենտ Երիտասարդներ Են Ձգտում Ժողովրդական Գործիքներ Նուագել Սովորել

Հատուկենտ Երիտասարդներ Են Ձգտում Ժողովրդական Գործիքներ Նուագել Սովորել

Արշակն ու Սիրանոյշը քոյր ու եղբայր են։ Սովորում են Երեւանի պետական ճարտարագիտական համալսարանում: Արդէն մէկ տարի է՝ նրանք գնում են թառի դասերի։ Սիրանոյշն ասում է, որ թառ նուագել շատ է սիրում, քանի որ իրենց ընտանիքում ժողովրդական երաժշտութեանը միշտ էլ մեծ տեղ են տուել։
Դեռ անցեալ տարի «Նարեկացի» արուեստի միաւորումը թառ նուագելու անվճար դասերի յայտարարութիւն տարածեց: [...]

December 27th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Ոսկէ 4 Եւ Արծաթէ 1 Նոր Յուշադրամներ Շրջանառութեան Մէջ

Ոսկէ 4 Եւ Արծաթէ 1 Նոր Յուշադրամներ Շրջանառութեան Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Կեդրոնական դրամատունը Դեկտեմբեր 25ին շրջանառութեան մէջ դրաւ ոսկէ յուշադրամներ՝ նուիրուած Ճատրակի 37րդ համաշխարհային ողիմպիականին Հայաստանի տղոց հաւաքականի յաղթանակին, Յակոբ Գիւրջեանի ծննդեան 125ամեակին եւ Ժան Գառզուի ծննդեան 100ամեակին:
1000ական հատ հրապարակուած այս յուշադրամներու անուանական արժէքն է 10,000 դրամ, յարգը՝ 9000, իսկ կշիռքը 8.6 կրամ:
Ոսկէ յուշադրամները թափանցիկ պատիճով եւ իսկութեան հաւաստագիրով, տեղադրուած են [...]

December 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ամանորին Երեւանի Եկեղեցիները Պիտի Գործեն Մինչեւ Ժամը 2

Ամանորին Երեւանի Եկեղեցիները Պիտի Գործեն Մինչեւ Ժամը 2

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի տնօրինութեամբ, Դեկտեմբեր 31ի գիշերը Երեւանի եկեղեցիները բաց պիտի ըլլան մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը:

December 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱՄՆ Ժամանակաւոր Հաւատարմատարի Ամանորեայ Ուղերձը Հայ Ժողովուրդին

ԱՄՆ Ժամանակաւոր Հաւատարմատարի Ամանորեայ Ուղերձը Հայ Ժողովուրդին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կոտֆրի ամանորեայ ուղերձ յղեց Հայաստանի ժողովուրդին:
«Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի ժողովրդին՝ երկու երկրների միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր բարեկամութեանն ու սերտ համագործակցութեանը շարունակաբար աջակցելու համար», ըսուած է ուղերձին մէջ, ուր նշուած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները իր աջակցութեան ծրագիրներու միջոցով (որոնց պարունակով 1992էն ի վեր [...]

December 27th, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

2008էն Սկսեալ «Հայանտառ»ը Տնկանիւթի Պակաս Պիտի Չունենայ

2008էն Սկսեալ «Հայանտառ»ը Տնկանիւթի Պակաս Պիտի Չունենայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ պիտի հիմնադրուին նոր տնկարանային տնտեսութիւններ պետական ամավարկի եւ Համաշխարհային դրամատան ֆինանսաւորումով: Այս մասին յայտնեց «Հայանտառ»ի գլխաւոր տնօրէն Մարտուն Մաթեւոսեան եւ նշեց, որ 2007ին կը նախատեսուին աշխատանքներ Ստեփանաւանի տնկարանային տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ:
Արդիական տնկարան մը եւս պիտի հիմնադրուի Ծաղկաձորի մէջ: Համաշխարհային դրամատան՝ բնական պաշարներու եւ չքաւորութեան նուազեցման ծրագիրով, պիտի վերագործարկուի Գեղարքունիքի մարզի [...]

December 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

2006ի Տարուան Մարզիկներու Մեծարում Գիւմրիի Մէջ

2006ի Տարուան Մարզիկներու Մեծարում Գիւմրիի Մէջ

ԳԻՒՄՐԻ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 23ին, Գիւմրիի «Օազիս» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հաւաքականներու մարզիկներու եւ մարզիչներու պարգեւատրման ամանորեայ աւանդական հանդիսութիւնը:
Անոնց շնորհուեցան կոչումներ, յանձնուեցան կառավարական պարգեւներ եւ դրամական մրցանակներ: Պարգեւները յանձնեց նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան: Հանդիսութեան մասնակցեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, մարզական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, մարզիչներ, մարզիկներ եւ լրագրողներ:

December 27th, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Ասպարէզ» Օրաթերթի Յարգելի Խմբագրութիւն

«Ասպարէզ» Օրաթերթի Յարգելի Խմբագրութիւն

Շատ մեծ հաճոյքով եմ ընթերցում Անահիտ Մէյմարեանի «Դէպի Կիլիկիա, Արեւմտեան Հայաստան եւ Պոլիս» յօդուածաշարքը, որ դեռ շարունակւում է տպագրուել («Ա.».- Այժմ աւարտած):
Յօդուածաշարքը ճամբորդական յուշագրութիւն չէ միայն, այլ նաեւ հայոց պատմութիւն ու մեր կորցրած հայրենիքի, մեզանից անարդարօրէն խլուած հայրենիքի պատմութիւնն է նաեւ, որ շատ յաջող շարադրուած լինելով, երբ սկսում ես կարդալ, ուզում ես մէկ շնչով [...]

December 27th, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Օրհներգի Օրէնքի Օրինագիծը Ընդունուեցաւ Երկրորդ Ընթերցումով

Օրհներգի Օրէնքի Օրինագիծը Ընդունուեցաւ Երկրորդ Ընթերցումով

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Կառավարութեան ներկայացուցած «ՀՀ պետական օրհներգի մասին» օրինագիծը Դեկտեմբեր 22ի ԱԺ արտահերթ նիստին 64 թեր, 5 դէմ եւ 1 ձեռնապահ քուէներով ընդունուեցաւ երկրորդ ընթերցումով։
ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը չմասնակցեցաւ քուէարկութեան։
Քուէարկութենէն առաջ ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Գ. Մանուկեան իր արտասանած խօսքով ընդգծեց, որ այս մէկ տարուան ընթացքին կառավարութիւնը նպատակ ունեցած է փոխել «Մեր հայրենիքը»՝ օրէնքի [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Նիկոլ Դումանի Անուան Տուն-Թանգարանի, Մշակոյթի Տան Եւ Դպրոցի Պաշտօնական Բացումը

Նիկոլ Դումանի Անուան Տուն-Թանգարանի, Մշակոյթի Տան Եւ Դպրոցի Պաշտօնական Բացումը

«Մի ազգ, եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել, պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»:
ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ
Անզուգական հայդուկապետի՝ Նիկոլ Դումանի անուան տուն-թանգարանի (երկրորդ բաժին), մշակոյթի տան եւ դպրոցի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 26 Սեպտեմբեր 2006ին, հայդուկի ծննդավայրի՝ Ծաղկաշատ (Ղշլաղ) գիւղին [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Արցախ | Read More »

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան Ներկայացուած Է 330 Դիմում

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան Ներկայացուած Է 330 Դիմում

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, այս տարուան Յուլիս 14ի դրութեամբ, Հայաստանի դէմ ներկայացուած է 330 դիմում, որոնցմէ 146ը համարուած է անընդունելի, չորս գործեր փակուած են: Այս մասին յայտնեց եւրոպական դատարանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ, արդարադատութեան փոխնախարար Գէորգ Կոստանեան եւ նշեց, որ Հայաստանին վերաբերող գործերով ութ որոշում տրուած է, բայց առայժմ՝ ոչ մէկ վճիռ:
Հայաստանի հետ [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

IAEA-ն Եւ USAID Պիտի Աջակցին Նոր Հիւլէակայանի Կառուցման Հիմնաւորման Աշխատանքներուն

IAEA-ն Եւ USAID Պիտի Աջակցին Նոր Հիւլէակայանի Կառուցման Հիմնաւորման Աշխատանքներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ՄՀՈՒԳի ի (Միջազգային հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան IAEA) եւ նուիրատու կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ, Հայաստանի հիւլէակայանի ապահովական մակարդակի բարձրացման նուիրուած ձեռնարկը, ըստ ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեանի, 2006ի ձեռքբերում կարելի է համարել: Ան աւելցուց, որ նշեալ երկու կազմակերպութիւնները պիտի աջակցին նոր հիւլէակայանի մը նախնական ուսումնասիրութիւններուն:
Արմէն Մովսիսեան Դեկտեմբեր 22ին կազմակերպուած ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ խորհրդակցութեան մասնակիցները [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Խօսք, Որն Իրականութիւն Դարձնելու Կամքը, Վճռականութիւնը, Համոզումն Ու Ծրագիրը Ունի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը

Խօսք, Որն Իրականութիւն Դարձնելու Կամքը, Վճռականութիւնը, Համոզումն Ու Ծրագիրը Ունի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը

Յարգելի եւ սիրելի ներկաներ,
Ձեզ խօսք ունեմ ասելու, հետեւաբար պէտք է խուսափեմ նախաբանից եւ ուղղակի պէտք է անցնեմ բուն ասելիքիս։
ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններին դեռ բաւական ժամանակ կայ, բայց արդէն որոշ ուժեր սկսել են պետական հնարաւորութիւններից բաշխել, ուրիշները իրենց քսակն են լայն բացել եւ, վերջապէս, որոշներն էլ նոր ոգեւորութեամբ մահ ու կործանում են շաղակրատում իրենց [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »

Սատտամի Դատավարութեան Ընթացքին Թուրքիան Եւս Ամբաստանուեցաւ

Սատտամի Դատավարութեան Ընթացքին Թուրքիան Եւս Ամբաստանուեցաւ

ՊԱՂՏԱՏ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնին դատավարութեան Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ի նիստին ներկայացուած փաստաթուղթերէն օրակարգի նիւթ դարձաւ այն հարցը, թէ Թուրքիա եւս մեղսակից եղած է 1980 թուականներու «Անֆալ» արշաւին, որու ընթացքին աւելի քան 182,000 քիւրտերը սպաննուած էին:
Դատավարութեան ընթացքին ամբաստանող դատախազը պնդեց, որ քիւրտերու դէմ գործուած այս ցեղասպանութեան մէջ Իրաքի իշխանութիւնները գործակցած էին Թուրքիոյ հետ։ [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրուան Տօնակատարութիւն

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրուան Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» կոմիտէի, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերի երեկոյան ժամը 8ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ.
Հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, ՀՀ ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, օրուան պատգամախօս Արմէն Ռուստամեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Արդի Բանաստեղծներու Գործերու Անգլերէն Ժողովածու

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Արդի Բանաստեղծներու Գործերու Անգլերէն Ժողովածու

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրատարակութեան կը պատրաստուի Սփիւռքի եւ Հայաստանի արդի բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններու անգլերէն թարգմանութեամբ ժողովածուն: Գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն հայերէն բառերը եւ տողացի անգլերէն թարգմանութիւնը:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան եւ նշեց, որ գիրքին մէջ տեղ գտած են այն բանաստեղծներու գործերը, որոնք անկախութեան տարիներէն յետոյ բանաստեղծութեան ասպարէզին մէջ որոշ վաստակ ունին: [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴ Դատապարտեալներու Փոխանցման Հռչակագիրի Լրացուցիչ Արձանագրութիւնը Ստորագրուեցաւ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՒՐՈԽՈՐՀՈՒՐԴ Դատապարտեալներու Փոխանցման Հռչակագիրի Լրացուցիչ Արձանագրութիւնը Ստորագրուեցաւ

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեան, Դեկտեմբեր 21ին, ստորագրեց դատապարտուած անձերու փոխանցման մասին Եւրոպայի խորհուրդի հռչակագիրի լրացուցիչ արձանագրութիւնը։
Այս արձանագրութիւնով կը նախատեսուի դատավճիռ արձակած պետութենէն ծագման պետութիւն փախուստ կատարած, ինչպէս նաեւ դատապարտման պատճառով ծագման պետութիւն վտարման ենթակայ դատապարտուած անձերու՝ իրենց ծագման պետութեան մէջ պատիժ կրելու նպատակով փոխանցումը [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Նոր Տարի, Նոր Վախե՞ր

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Նոր Տարի, Նոր Վախե՞ր

Անորոշին ու անիմանալիին զոյգ երկիւղները իւրօրինակ վախ մը կ’ազդեն իրենց զաւակներուն ապագայով շատ մտահոգ մարդոց: Յատկապէս տարեդարձներու, տարեվերջի ու տարեսկիզբի անցումային շրջաններուն կամ՝ նոր երկիր մը փոխադրուելու եւ միջավայր փոխելու հետ առնչուած վախեր կան, որոնցմէ դժուարաւ կը ձերբազատուին ապագայի վախով տարուած անձեր։
Թերեւս ոմանց տարօրինակ թուի, թէ ի շարս զանազան տեսակի վախերու, գոյութիւն ունի նաեւ [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Խօսքը Հ..Յ.Դ. Օրուան Տօնակատարութեան Ներկայացուած Ընկ. Աւետիք Իզմիրլեանի Կողմէ

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Խօսքը Հ..Յ.Դ. Օրուան Տօնակատարութեան Ներկայացուած Ընկ. Աւետիք Իզմիրլեանի Կողմէ

Գերաշնորհ սրբազան հայրեր,
Յարգարժան վերապատուելի,
Հոգեւոր հայրեր,
Մեծարգոյ գլխաւոր հիւպատոս Հայաստանի Հանրապետութեան պրն. Արմէն Լիլոյեան
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան մեծարգոյ փոխնախարար պրն. Բագրատ Եսայեան,
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ընդամ ընկեր Վիգէն Յովսէփեան
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ ընկեր Արմէն Ռուստամեան,
Կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց ներկայացուցիչներ,
Թանկագին ժողովուրդ եւ սիրելի ընկերներ,
Ահաւասիկ, համաձայն մեր աւանդութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Հ.Ե.Դ. Եւ Մարդկային Իրաւանց Միացեալ Խորհուրդը Չորսօրեայ Հացադուլ Պիտի Ընեն

Հ.Ե.Դ. Եւ Մարդկային Իրաւանց Միացեալ Խորհուրդը Չորսօրեայ Հացադուլ Պիտի Ընեն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը եւ Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդը (ՄԻՄԽ), գործակցաբար, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին դիմաց հացադուլ պիտի կատարեն Յունուար 2-6՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու եւ այդ ուղղութեամբ հանրութիւնը լուսաբանելու նպատակով:
Կազմակերպիչներէն եւ հացադուլի մասնակիցներէն Սօսէ Էսմայիլեան ըսաւ, որ մեր նախահայրերը սովի, տանջանքներու, բռնաբարութեան եւ այլ բրտութիւններու ենթարկուեցան, իսկ մենք մեր քանի մը օրուան հացադուլով [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ընկ. Մինաս Մարգարեանի Յիշատակին (ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ՝ ԽՕՍՈՒԱԾ Հ.Յ.Դ. «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՆԱԶԱՐԷԹ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ)

Ընկ. Մինաս Մարգարեանի Յիշատակին (ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆ՝ ԽՕՍՈՒԱԾ Հ.Յ.Դ. «ԴՐՕ» ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՆԱԶԱՐԷԹ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ)

Խորանարդուած մարդ, հաւատարիմ հայ, հաւատաւոր դաշնակցական, ընտանիքին նուիրեալ: Այս էր Մինաս Մարգարեանը:
Հիւանդութեան հետեւանքով աստիճանաբար հիւծած անոր մարմնին մէջ ապրեցաւ եւ գործեց հսկայ մը, որուն համար սկզբունքը, բարոյականը եւ ծառայութիւնը իր ամէնօրեայ քայլերը առաջնորդող վէմերը հանդիսացան:
Այսօր, մեր գաղափարական ընտանիքը կը գուժէ մահը դաշնակցական ընկերոջ մը, որ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան եղաւ բացառաբար համակ նուիրում, [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԻՐԱՔ Ամերիկեան Ուժերը Հինգ Զոհ Եւս Կու Տան

ԻՐԱՔ Ամերիկեան Ուժերը Հինգ Զոհ Եւս Կու Տան

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 22ին յայտարարեց, որ Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերը հինգ զոհ եւս տուած են Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու ընթացքին:
Զինուորները սպաննուած են Պաղտատէն արեւմուտք գտնուող շրջանին մէջ: Չորսը սպաննուած են Հինգշաբթի օր, իսկ հինգերորդը՝ Ուրբաթ օր, Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 76ի:
«Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքեր Բողոքի Նամակներ Պիտի Ղրկեն Սիլվեսթր Սթալոնի

Թուրքեր Բողոքի Նամակներ Պիտի Ղրկեն Սիլվեսթր Սթալոնի

ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ պայքարի ընկերակցութեան նախագահ Սաւաշ Էղիլմէզ, ըստ «Միլլիյէթ» թերթին, հաղորդեց, թէ մեծաթիւ նամակներ կը ղրկուին ամերիկացի նշանաւոր դերասան Սիլվեսթր Սթալոնին, որ կը ծրագրէ Ֆրանց Վերֆէլի «Մուսա լերան 40 օրերը» վէպը շարժապատկերի վերածել:
«Վէպը սուտերով լեցուն է, որովհետեւ ան, Վերֆէլ, զայն գրած էր մտիկ ընելէ ետք Լիբանանի ու Սուրիոյ ամենաազգայնապաշտ [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԹՈՒՐՔԻԱ 324 Մտաւորականներ Քրտական Տագնապին Մասին Հաղորդագրութիւն Հրատարակեցին

ԹՈՒՐՔԻԱ 324 Մտաւորականներ Քրտական Տագնապին Մասին Հաղորդագրութիւն Հրատարակեցին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 324 մտաւորականներ, որոնց մէջ կը գտնուին յայտնի գրող Եաշար Քեմալ, հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքոլու, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրատարակելով պահանջեցին, որ քրտական հարցին մէջ գործածուի խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի լեզուն։ Անոնք դիտել տուին, որ փորձառութիւնը ցարդ ցոյց տուած է, որ բիրտ միջոցներով ոչինչ կը լուծուի այս խնդրին մէջ։
Մտաւորականները դիտել տուին, որ հակառակ Քիւրտիստանի [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Արթուր Աբրահամեան Ընտրուեցաւ Գերմանիոյ Լաւագոյն Կռփամարտիկը

Արթուր Աբրահամեան Ընտրուեցաւ Գերմանիոյ Լաւագոյն Կռփամարտիկը

Միջին կշիռի կռփամարտի աշխարհին մէջ ծանօթ անուն է Արթուր Աբրահամեանը, որ առաւելաբար ճանչցուած է Արթուր Աբրահամ անունով։ Ան հաստատուած է Գերմանիա եւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին ընտրուեցաւ Գերմանիոյ 2006ի լաւագոյն կռփամարտիկը՝ գերազանցելով միջին կշիռի աշխարհի ախոյեան Վլատիմիր Կլիչքոն եւ թեթեւ կշիռի աշխարհի ախոյեան Զոլթա Էրտէին։
Աբրահամեան յայտնեց, որ հպարտ եւ ուրախ է, ինչպէս նաեւ՝ շնորհակալ՝ նման [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ազատ Արձակուեցան Ցմահ Բանտարկութեան Դատապարտուած Զինուորները

Ազատ Արձակուեցան Ցմահ Բանտարկութեան Դատապարտուած Զինուորները

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Վճռաբեկ դատարանի քրէական եւ զինուորական գործերու պալատի Դեկտեմբեր 22ի դատավճիռով, կալանքէն ազատ արձակուեցան 2 ծառայակիցներու սպանութեան մէջ մեղադրուող նախկին զինուորներ Ռազմիկ Սարգսեան, Մուսա Սերոբեան եւ Արայիկ Զալեան:
Վճռաբեկ դատարանը բեկանեց Սիւնիքի մարզի առաջին ատեանի դատարանի եւ քրէական եւ զինուորական գործերով վերաքննիչ դատարանի դատավճիռները եւ գործը ուղարկեց լրացուցիչ նախաքննութեան:
Յիշեցնենք, որ առաջին ատեանի [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ազդու Քայլերու Կոչ՝ Ցեղասպանութիւնները Կասեցնելու Նպատակով

Ազդու Քայլերու Կոչ՝ Ցեղասպանութիւնները Կասեցնելու Նպատակով

ԷՆՍԻՆՕ.- Քոնկրէսական Պրատ Շըրմըն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Screamers վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան միասնաբար մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպեցին Հինգշաբթի օր, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ գտնուող շարժանկարի Laemmle սրահին դիմաց, ուր կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան, որ ազդու քայլերու դիմէ Հայկական Ցեղասպանութենէն մինչեւ Տարֆուր երկարող ցեղասպանական շղթային վերջ դնելու համար:
Մամլոյ ասուլիսի վայրը խորհրդանշական [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

2006ին «Բնակարանի Գնման Վկայագիր» Ծրագիրէն Օգտուած Են 331 Ընտանիք

2006ին «Բնակարանի Գնման Վկայագիր» Ծրագիրէն Օգտուած Են 331 Ընտանիք

ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Աւարտեցաւ 2006ի «Բնակարանի գնման վկայագիր» ծրագիրը: Ընթացիկ տարուան ծրագիրի վերջին փուլով վկայագիր յանձնուած է 13 ընտանիքի:
2006ի ծրագիրէն, ընդհանուր առմամբ, օգտուած է 331 ընտանիք, սակայն վկայագրեր ստանալու համար ներկայացուած դիմումները աւելի եղած են: Այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուց քաղաքաշինութեան փոխնախարար Կառլէն Գէորգեան:
Ընթացիկ ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը, ըստ փոխնախարարին, շօշափելի է, սակայն գործընթացի արդիւնաւէտութեան իրական պատկերը [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

2006Ի ՖՈՒԹՊՈԼ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ՝ ՊՐԱԶԻԼ

2006Ի ՖՈՒԹՊՈԼ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ՝ ՊՐԱԶԻԼ

Հակառակ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտախաղերու քառորդ աւարտականին իր կրած պարտութեան (Ֆրանսայէն), Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը 2006 տարեշրջանը աւարտեց ՖԻՖԱի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ՝ իր ետին ձգելով աշխարհի ախոյեան Իտալիան, որ սակայն այս տարուան ամենայատկանշական ոստում կատարող խումբը դարձաւ: Իտալիա աւարտախաղերու նախօրեակին կը գտնուէր 12րդ դիրքին վրայ, իսկ անոնց աւարտէն ետք գրաւեց երկրորդ դիրքը։
2006ին Պրազիլ [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Uncategorized | Read More »

«Մենք Արդէն Ընտելացել Ենք Ալիեւի Յարձակապաշտութեան» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՎԻՔԹՈՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

«Մենք Արդէն Ընտելացել Ենք Ալիեւի Յարձակապաշտութեան» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՎԻՔԹՈՐ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Մենք արդէն ընտելացել ենք, որ ղարաբաղեան հակամարտութեանը վերաբերող Ատրպէյճանի նախագահի ելոյթներն աչքի են ընկնում յարձակապաշտութեամբ (ագրեսիւութեամբ)», երէկ յայտարարեց ՀՀ նախագահի մամլոյ քարտուղար Վիքթոր Սողոմոնեան, մեկնաբանելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Դեկտեմբերի 21ի ելոյթը:
Վիքթոր Սողոմոնեան ըսաւ, թէ ամենայն հաւանականութեամբ, Ալիեւի յայտարարութիւնը ինքնահաստատման կամ սեփական երկչոտութիւնը յաղթահարելու իւրայատուկ ձեւ մըն է: «Նախիջեւանում արուած Ալիեւի յայտարարութիւնները, [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

«Ոսկէ Գրի»չ Մրցանակին Արժանացան Գառնիկ Անանեան Եւ Դաւիթ Մուրադեան

«Ոսկէ Գրի»չ Մրցանակին Արժանացան Գառնիկ Անանեան Եւ Դաւիթ Մուրադեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դեկտեմբեր 22ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ երեք տարին անգամ մը կազմակերպուող «Ոսկէ գրի»չ մրցանքի 2006ի պարգեւատրման արարողութիւնը:
Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժամունքի տնօրէն, գրականագէտ Գառնիկ Անանեան «Ոսկէ գրի»չ մրցանակին արժանացաւ «Կլոպալիզացիան եւ տեղեկատուութիւնը», «Ժուռնալիստիկայի հրատապ խնդիրները», «Քաղաքակրթութիւնների բախու՞մ, թէ՞ երկխօսութիւն», «Պատմութիւնն ընդդէմ համաշխարհայնացման» հրապարակախօսական յօդուածներու ժողովածուներուն համար:
Շարժանկարի բնագաւառի մասնագէտ, [...]

December 23rd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԹԻՒՐՔՄԷՆԻՍՏԱՆԻ ՄԵՆԱՏԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԻԱԶՈՎ ՈՉ ԵՒՍ Է

ԹԻՒՐՔՄԷՆԻՍՏԱՆԻ ՄԵՆԱՏԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԻԱԶՈՎ ՈՉ ԵՒՍ Է

ԱՇԽԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ցմահ Թիւրքմէնիստանի նախագահ Սափարմուրատ Նիազով, որ 21 տարիներէ ի վեր այդ պաշտօնին վրայ կը գտնուէր, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ին իր մահկանացուն կնքեց, քաղաքական անորոշութիւն մը ստեղծելով:
Յայտնենք, թէ Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն ետք Թիւրքմէնիստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւնները անարդար որակուած են արեւմտեան դէտերու կողմէ, սակայն Նիազով իր անձին շուրջ պաշտամունքի աղանդ մը կրցած էր [...]

December 22nd, 2006

| Posted in Լուրեր | Read More »

Աշխատանքի Եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարը Ներկայացուց 2006ի Հաշուետուութիւնր

Աշխատանքի Եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարը Ներկայացուց 2006ի Հաշուետուութիւնր

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեան Դեկտեմբեր 21ին, «Հայելի» ակումբին մէջ կազմակերպուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին ներկայացուց 2006ին կատարուած աշխատանքները:
Նախարարը նշեց, որ ոչ միայն 2006ին, այլեւ անցնող միւս տարիներուն իր ղեկավարած բնագաւառին մէջ հիմնական աշխատանքները ուղղուած էին համակարգուած բարեփոխումներու գործադրութեան:
Նախարար Վարդանեան ըսաւ, թէ նախարարութեան կողմէ գործադրուող ամենամեծ ծրագիրները կապուած են ընտանեկան [...]

December 22nd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ’ԸՆԵՆ ՊՈՒՇԻ

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԵՏ ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ ԿՈՉ Կ’ԸՆԵՆ ՊՈՒՇԻ

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ Սպիտակ տան ընդդիմութեան, Դամասկոս այցելած Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկու դեմոկրատ անդամներ՝ նախագահական նախկին թեկնածու Ճան Քերի եւ Քրիսթոֆըր Տատ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին հանդիպում մը ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, քննելով Սուրիա-Ամերիկա յարաբերութեանց առնչուող շարք մը հարցեր:
Ծերակուտականները, որոնք անդամ են Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, շեշտեցին, թէ Սուրիա կարեւոր դերակատարութիւն պէտք է [...]

December 22nd, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ազգային Օրհներգ, Փողկապ, Ազգական-Խնամի…

Ազգային Օրհներգ, Փողկապ, Ազգական-Խնամի…

Իրենց ազգային խորհրդանիշներուն գիտակցութիւնը ունեցող ժողովուրդները իրենց ազգային օրհներգէն չեն հրաժարիր առանց ծանրակշիռ պատճառի, հոգ չէ, թէ անոր բառերը ժամանակավրէպ ըլլան եւ երաժշտութիւնը՝ պարզունակ, «Ազգային օրհներգ»ը ըստ կամս փոփոխելի փողկապ չեն նկատեր:
Մենք, իբրեւ ինքնուրոյն եւ ուրիշներէն բարձր ժողովուրդ, այլազանուելու պատրուակ ալ գտած ենք. «Մեր հայրենիք»ի երաժշտութիւնը հայկական չէ, իսկ բառերը թարգմանուած են», կը կրկնենք [...]

December 22nd, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

2006ի Յունուար-Սեպտեմբերին՝ Օտար Ներդրումները 297.42 Միլիոն Տոլար

2006ի Յունուար-Սեպտեմբերին՝ Օտար Ներդրումները 297.42 Միլիոն Տոլար

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան իրական հատուածին մէջ կատարուած օտար ներդրումներու ծաւալը (պետական կառավարման եւ դրամատնային համակարգերով ստացուած գումարներէն զատ) 2006ի Յունուար-Սեպտեմբերին կազմած է 297 միլիոն 428.7 հազար տոլար, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակի համեմատ աւելի է 31.8 տոկոսով:
Այս մասին յայտնեցին ազգային վիճակագրական ծառայութենէն եւ նշեցին, որ ուղղակի ներդրումներու ծաւալը կազմած է 149.44 միլիոն տոլար՝ [...]

December 22nd, 2006

| Posted in Հայաստան | Read More »

Աբխազահայութիւնը Ողջունում Է ԼՂՀ Սահմանադրութեան Ընդունումը

Աբխազահայութիւնը Ողջունում Է ԼՂՀ Սահմանադրութեան Ընդունումը

«Իմ կարծիքով՝ սահմանադրութեան ընդունումը Լեռնային Ղարաբաղին լիարժէք իրաւունք է տալիս յառաջիկայում դառնալ անկախ պետութիւն։ Ես շնորհաւորում եմ Ղարաբաղի ժողովրդին եւ ամբողջ հայութեանը սահմանադրութեան ընդունման համար», անցած շաբաթ «Ուրբաթ» ակումբում լրագրողների հետ հանդիպման ժամանակ ասաց Աբխազիայի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, Աբխազիայի հայկական համայնքի համանախագահ եւ Աբխազիայի հերոս Գալուստ Տրապիզոնեանը։
Աբխազիայի հայկական համայնքի ընկերային-տնտեսական վիճակի մասին զրուցելու էին [...]

December 22nd, 2006

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՆԱՃԱՖԻ ՄԷՉ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ ԻՐԱՔԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ

ՆԱՃԱՖԻ ՄԷՉ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ ԻՐԱՔԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ

ՆԱՃԱՖ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մէջ շիիներու սրբավայր Նաճաֆի ապահովութեան պատասխանատուութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին ամերիկեան ուժերէն փոխանցուեցաւ իրաքեան ուժերուն։
Համանուն նահանգի մայրաքաղաքին ֆութպոլի դաշտին մէջ տեղի ունեցան փոխանցումի պաշտօնական հանդիսութիւնն ու զինուորական տողանցքը։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Մուաֆֆաք Ռուպահի, որ յայտարարեց. «Եթէ պատասխանատուութեան տէր չկանգնինք, պատմութեան դատապարտումին պիտի արժանանանք»։ Ան կոչ ուղղեց նախագահ [...]

December 22nd, 2006

| Posted in Միջազգային | Read More »