Home » February 15th, 2007Entries posted on “February, 2007”

Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը 3 Միլիոն 222.7 Հազար Է

Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը 3 Միլիոն 222.7 Հազար Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը 2006ի վերջին կազմած է 3 միլիոն 222.7 հազար: Ըստ ազգային վիճակագրական ծառայութեան պետ Ստեփան Մնացականեանի, տարեսկիզբի տուեալներու համեմատ բնակչութեան թիւը աճած է 3.5 հազարով:
Անցած տարուան ընթացքին արձանագրուած է ծնելիութեան բացարձակ թուաքանակի աճ. արձանագրուած է 37,568 ծնունդ՝ 2005ի 37,499ի դիմաց: Ծնելիութեան տոկոսը 1000 բնակիչի հաշուով պահպանուած է նոյն մակարդակի [...]

February 15th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայ Սպայ Գուրգէն Մարգարեանի Սպանութեան Հարցով

Հայ Սպայ Գուրգէն Մարգարեանի Սպանութեան Հարցով

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական պատուիրակութեան անդամները՝ փաստաբան Նազելի Վարդանեանը եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, Փետրուար 19ին կամ 20ին, պիտի մեկնին Պուտափեշթ՝ մասնակցելու ՆԱԹՕի դասընթացքներուն մասնակցող հայ սպայ Գուգէն Մարգարեանի սպանութեան համար ցկեանս դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովի վերաքննիչ բողոքի առաջին դատական նիստին:
Բողոքը պիտի քննէ դատաւոր Պիրոշկա Կարպատին: Ըստ Հ. Դեմոյեանի, դատավարութեան իր մասնակցությամբ Հայաստանի պատուիրակութիւնը պէտք [...]

February 15th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ՝ Էրտողան Իսրայէլը Զգուշութեան Հրաւիրեց Իսլամ Սրբավայրերու Հարցով

ԻՍՐԱՅԷԼԸ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ՝ Էրտողան Իսրայէլը Զգուշութեան Հրաւիրեց Իսլամ Սրբավայրերու Հարցով

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ Թուրքիա Ուաշինկթընի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցով զօրակցութիւն կ’ակնկալէ Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւններէն, կարգ մը դէտեր դիտել կու տան, որ հրեաները այս անգամ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն պատճառով դժգոհ են Թուրքիոյ քայլերէն եւ հաւանաբար այս անգամ անհրաժեշտ չափով պիտի չօժանդակեն Թուրքիոյ։
Այս ծիրէն ներս, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին ըրաւ նոր [...]

February 15th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԻՐԱՆԻ ՄԷՉ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՄԸ ԶՈՀ Կ’ԵՐԹԱՆ 11 ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ

ԻՐԱՆԻ ՄԷՉ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՄԸ ԶՈՀ Կ’ԵՐԹԱՆ 11 ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ

ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանեան զինուորական ուժերու «Յեղափոխութեան պահակներ» բաժանմունքին անդամ զինուորներ փոխադրող հանրակառք մը Չորեքշաբթի, Փետրուար 14ին ականահարուեցաւ Փաքիստանի մօտիկ շրջանի մը մէջ, որու հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն 11 զինուորներ եւ վիրաւորուեցան 31 ուրիշներ: Պայթումը տեղի ունեցաւ Սիսթան-Պալուչեսթան նահանգին մայրաքաղաք Զահետան քաղաքին մօտերը:
Կիսապաշտօնական «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Քայիտա»ի հետ կապեր ունեցող [...]

February 15th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պիւյիւքանըթ-Լանթոս Հանդիպումը «Անբարենպաստ Եղանակի» Պատճառով Կը Յետաձգուի

Պիւյիւքանըթ-Լանթոս Հանդիպումը «Անբարենպաստ Եղանակի» Պատճառով Կը Յետաձգուի

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահ զօր. Եաշար Պիւյիւքանըթի ու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Թոմ Լանթոսի միջեւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 14ին կայանալիք հանդիպումը յետաձգուած է անորոշ թուականով, մայրաքաղաքին մէջ տիրող «անբարենպաստ եղանակի»ն պատճառով:
Պիւյիւքանըթ Ուաշինկթընի մէջ կը փորձէ շարունակել Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը ձախողութեան մատնելու՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի սկսած աշխատանքը:
[...]

February 15th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԱՀԴՅը Կը Պահանջէ 75 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Հայաստանին Եւ 10 Միլիոն՝ ԼՂՀին

ԱՀԴՅը Կը Պահանջէ 75 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Հայաստանին Եւ 10 Միլիոն՝ ԼՂՀին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՀԴՅ), իբրեւ թարգման ամերիկահայութեան կեցուածքին, Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու կամ համապատասխան ենթայանձնախումբերէն պաշտօնապէս պահանջեց 75 միլիոն տոլարի մակարդակին վրայ պահել Հայաստանի տրուելիք տնտեսական օժանդակութիւնը, 10 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ հաւասար չափի վրայ պահպանել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները:
Վարչակազմը 2008ի ելեւմտական տարուան համար առաջադրած [...]

February 15th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

“Օսկանեան-Մամէտեարով Հերթական Հանդիպումը՝ Մարտի Սկիզբին

“Օսկանեան-Մամէտեարով Հերթական Հանդիպումը՝ Մարտի Սկիզբին

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը կրնայ կայանալ Մարտի սկիզբին, «Թրենտ» գործակալութեան յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով:

February 14th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Յարգելի Խմբագրութիւն «Ասպարէզ»ի,

Յարգելի Խմբագրութիւն «Ասպարէզ»ի,

Մեծ հաճոյքով եւ գոհունակութեամբ է, որ թղթատեցի «Ասպարէզ»ի 2007ի Նոր տարուան թիւի յօդուածները: «Բացառիկ»ը իրաւ բացառիկ էր թէ՛ ծաւալով՝ բայց մանաւանդ բովանդակութեամբ: Կարգ մը յօդուածներ անշուշտ միւսներէն աւելի հետաքրքրեցին զիս, որուն համար կ’ուզեմ «խօսիլ» ձեր հետ:
Նախ՝ կը շնորհաւորեմ ձեզ այս «բացառիկ»ին բացառիկութեան համար: Գիտնալով հանդերձ, որ շատեր մեծ ու փոքր ներդրումներ ունեցած են անոր [...]

February 14th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Եւրոխորհուրդի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Գլխաւոր Դատախազին Հետ

Եւրոխորհուրդի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Գլխաւոր Դատախազին Հետ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան Երկուշաբթի ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Պոյեանա Ուրումովան եւ Եւրոպայի խորհուրդի վարչական փտախտի դէմ պայքարի փորձագէտ Մարիանա Տրիվունովիցը:
Հանդիպումին քննարկուեցաւ «GRECO»ի եւ «MONEVAL»ի կողմէ Հայաստանին եղած առաջարկներու գործադրութեան ընթացքը: Գլխաւոր դատախազը ներկայացուց այդ ուղղութեամբ դատախազութեան կատարած աշխատանքները՝ տեղեկացնելով, որ հաստատուած է այս տեսակ յանցագործութիւններու նոր [...]

February 14th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Մինչեւ Հոկտեմբերի Վերջը Պիտի Մաքրուին Սեւանայ Լիճի Ափամերձ Տարածքները

Մինչեւ Հոկտեմբերի Վերջը Պիտի Մաքրուին Սեւանայ Լիճի Ափամերձ Տարածքները

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով ջրամոյն ըլլալու ենթակայ 95 հեքթար տարածութիւնները մինչեւ Հոկտեմբերի վերջը պիտի մաքրուին ծառերէն եւ թուփերէն: Բնապահպանութեան նախարարութենէն այս աշխատանքներուն յատկացուած է 42 միլիոն դրամ: Աշխատանքներուն կը մասնակցին «Սեւան» ազգային զբօսայգիի աշխատողները, մրցոյթով իրաւունք ստացած կազմակերպութիւնները եւ Գեղաքունիքի մարզի ափամերձ բնակչութիւնը: Վերջիններուն իբրեւ վառանիւթ պիտի տրամադրուի նաեւ հաւաքուած փայտը: Բացի [...]

February 14th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՄԻՆՉ ԻՐԱՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱԿԷ Պաղտատի Մէջ Յարձակում Մը Առնուազն 18 Զոհ Կը Խլէ

ՄԻՆՉ ԻՐԱՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱԿԷ Պաղտատի Մէջ Յարձակում Մը Առնուազն 18 Զոհ Կը Խլէ

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին, Իրաքի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են առնուազն երեք օրով փակել Սուրիոյ եւ Իրանի հետ երկրին սահմանները, Պաղտատի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար սկսած արշաւին ծիրէն ներս:
Նոյն օրը, Պաղտատի համալսարաններէն մէկուն մօտերը տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով, սպաննուեցան առնուազն 18 քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան քանի մը տասնեակ ուրիշներ:
Նաեւ, ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի [...]

February 14th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Կը Նախատեսուի «Արմենիքում»ը Գրանցել Չինաստանի Մէջ

Կը Նախատեսուի «Արմենիքում»ը Գրանցել Չինաստանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Էյտզ հիւանդութեան «Արմենիքում» դեղը գրանցուած է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ, իսկ ընթացքի մէջ է Եւրոպայի 25 երկրներու պարագային, արտօնութիւն ստացուած է գրանցելու զայն Հնդկաստանի, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ: Ըստ «Արմենիքում» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Լեւոն Գէորգեանի, ընկերութիւնը դիմած է նաեւ Չինաստանի, դեղը հոն եւս գրանցելու համար:
Նշենք, որ վերջերս յայտարարուած է, [...]

February 14th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԿԱՐՍ-ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ ԵՐԿԱԹՈՒՂՈՒ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ ՉԻ ՏՈՒԺԻ Թուրքիան Եւ Ատրպէյճանը Շարունակում Են Հայաստանը Մեկուսացնելու Թշնամական Քաղաքականութիւնը

ԿԱՐՍ-ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ ԵՐԿԱԹՈՒՂՈՒ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԻՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՏՆՏԵՍԱՊԷՍ ՉԻ ՏՈՒԺԻ Թուրքիան Եւ Ատրպէյճանը Շարունակում Են Հայաստանը Մեկուսացնելու Թշնամական Քաղաքականութիւնը

«Կարս-Ախալքալաք երկաթգծի գործարկումից Հայաստանը տնտեսապէս չի տուժի: Ճիշդ է, դրանից կ՚օգտուեն Թուրքիան, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, սակայն Հայաստանի տնտեսութեան մէջ որեւէ վատթարացում չի լինի», Փետրուարի 9ին Մամուլի ազգային ակումբում յայտարարեց արտաքին գործերի փոխնախարար Արման Կիրակոսեանը՝ ընդգծելով, որ մեր երկիրը շրջանցող եւ Թուրքիան Վրաստանի տարածքով Ատրպէյճանին երկաթուղով կապող նախագիծը քաղաքական ծրագիր է՝ միտուած Հայաստանի շրջափակման խորացմանը: «Սա Թուրքիայի [...]

February 14th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Լիբանանի Մէջ Զոյգ Պայթումներ Առնուազն Երեք Զոհ Խլեցին

Լիբանանի Մէջ Զոյգ Պայթումներ Առնուազն Երեք Զոհ Խլեցին

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 13ին, Պէյրութէն հիւսիսարեւելք, Պիքֆայայի ճամբուն վրայ, Այն Ալաքէն անցնող երկու փոքր հանրակառքերու մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն պատճառով սպաննուեցան առնուազն երեք քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան 18 ուրիշներ: Նախապէս հաղորդուեցաւ, թէ զոհերուն թիւը 9-12ի միջեւ է, սակայն ոստիկանութեան համաձայն պայթումներուն պատճառով միայն երեք զոհ արձանագրուած է։
Երեսփոխան Սաատ Հարիրի յայտարարեց, որ այս արարքին նպատակը [...]

February 14th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հրանդ Տինքի Ընտանիքը Դատարան Կը Դիմէ

Հրանդ Տինքի Ընտանիքը Դատարան Կը Դիմէ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Փետրուար 12ին, Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, երեք զաւակները եւ Հրանդին եղբայրը՝ Օրհան Տինք, միասնաբար դիմեցին Պէշիկթաշի դատարան եւ դատական բողոք ներկայացուցին հանդէպ անոնց, որոնք թերացած էին Հրանդ Տինքը պաշտպանելու իրենց պարտականութեան մէջ, հակառակ այն իրողութեան, որ իշխանութիւնները Տինքի դէմ մահափորձի մը մասին տեղեկութիւններ ունէին:
Անոնք կը պնդեն, որ թերացում արձանագրուած է [...]

February 14th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայկական Ծիրանի Մեծ Հանելուկը

Հայկական Ծիրանի Մեծ Հանելուկը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայկական ծիրանէն պատրաստուած «Ապրիկոտաբս» սնունդի բնական խտանիւթը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է վերջերս Քանատայի մէջ կայացած «Էքսփօ-2007» ցուցահանդէսին: «Ապրիկոտաբս»ը թարմ ծիրանի խտանիւթ է, որ կը ստացուի առանց քիմիական եւ ջերմային մշակումի եւ կը պահպանուին ծիրանին մէջ գտնուող բոլոր արժէքաւոր նիւթերը:
«Ապրիկոտաբս»ի մէկ դեղահատը իր բաղադրութեամբ հաւասար է 8 թարմ ծիրանի: Սնունդի այս խտանիւթին [...]

February 14th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Հարցազրոյց Իրաքի Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Պարոյր Յակոբեանի Հետ «ԵԹԷ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՊԷՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ, ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԱՊԱԳԱՆ ՄՈՒԹ Է»

Հարցազրոյց Իրաքի Թեմի Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Պարոյր Յակոբեանի Հետ «ԵԹԷ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՊԷՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ, ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԱՊԱԳԱՆ ՄՈՒԹ Է»

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հակիրճ ձեւով ներկայացուցէք իրաքահայ գաղութի կազմութեան պատմութիւնը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Միջագետքը )ներկայ Իրաքը( եղած է Հայաստանի դրացի երկիրներէն մէկը։ Գտնուելով Հայաստանի հարաւը եւ Տիգրիս ու Եփրատ գետերու միջեւ, երկիրը դարերու ընթացքին ունեցած է վաճառականական սերտ կապեր հիւսիսի իր դրացիին հետ։ Հետեւաբար, հայեր, փոքրաթիւ համայնքներով, գտնուած են Իրաքի մէջ, տակաւին շատ կանուխ ժամանակներէն։ Մեր հասկացողութեամբ, Իրաքի մէջ [...]

February 14th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՆԴԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ-ԹԻՒ 8

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՆԴԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ-ԹԻՒ 8

Որքա՜ն լաւ է ժամանակին մեռնիլը, ողջութեանս կառչած էի կեանքին, կը կարծէի եթէ մեռնիմ, աշխարհը փուլ պիտի գայ իմ պատճառովս: Կարելի եղածին չափ շուրջիններուս կը ձգէի, որ օգտակար ըլլան ինծի, չէի մերժեր որեւէ առաջարկ: Նոյնիսկ բնական պէտքերուս մաքրութիւնը կամ գաւաթ մը ջուրը, մտածելով, որ շնորհ մը ըրած կ’ըլլամ հարազատներուս, բարեկամներուս, դրացիներուս եւ ընկերներուս, եթէ չմեռնիմ:
Մահանալէս [...]

February 14th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Իրան-Հայաստան Երկաթուղագիծ

Իրան-Հայաստան Երկաթուղագիծ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստան-Իրան երկաթուղագիծի կառուցման հարցի քննարկումը ընթացքի մէջ է, եւ շինարարութեան համար հայկական կողմը նիւթական աղբիւրներու փնտռտուք կը կատարէ:
Փետրուար 13ին այս մասին լրագրողներուն յայտնեց փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեան: Շինարարական աշխատանքներու համար պահանջուող 1 միլիառ տոլար գումարը պետական ամավարկէն պիտի չտրամադրուի: Ըստ նախարարի, թէեւ երկաթուղագիծի կառուցումով հետաքրքրուողներ կան, սակայն շինարարութիւնը ստանձնող [...]

February 14th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հիւրընկալեց Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Հերթական Հանդիպումը

Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հիւրընկալեց Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Առաջնորդներու Հերթական Հանդիպումը

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու առաջնորդներու խորհուրդը, յանձինս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի զոյգ առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Սերաբիոն եպիսկոպոսի եւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Եուճին Քափլան արքեպիսկոպոսի, Երկուշաբթի, 5 Փետրուար 2007ին, հիւրընկալութեամբ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, իր հերթական ժողովը գումարեց։
Առաւօտեան ժամը 11ին, եկեղեցական [...]

February 14th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Գ. Դալիբալթայեան Ազատ Կացուցուած Է Նախագահի Խորհրդականի Պաշտօնէն

Գ. Դալիբալթայեան Ազատ Կացուցուած Է Նախագահի Խորհրդականի Պաշտօնէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Փետրուարի 12ին, հրամանագիրով մը զօրավար-գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեանը ՀՀ նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն եւ գլխաւոր ռազմական տեսուչի պարտականութիւններէն ազատ կացուցանեց: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու:

February 14th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Կովկաս»-Փոթի Երկաթուղալաստանաւային Հաղորդակցութիւն

«Կովկաս»-Փոթի Երկաթուղալաստանաւային Հաղորդակցութիւն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարտ 1էն պիտի սկսի գործել «Կովկաս»-Փոթի երկաթուղալաստանաւային հաղորդակցութեան գիծը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայաստանին ուղղակի կապ ունենալ Ռուսիոյ հետ:
Լաստանաւը պիտի գործէ միայն Հայաստանի համար եւ շաբաթական երկու երթ պիտի կատարէ: Վերջինիս գործարկման համար միջկառավարական համաձայնագրեր կնքուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ Վրաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ: Ըստ Հայաստանի փոխադրամիջոցներու նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի, [...]

February 14th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

“Օսկանեանի Հանդիպումները Գերմանիոյ Մէջ

“Օսկանեանի Հանդիպումները Գերմանիոյ Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Փետրուարի 10ին մասնակցեցաւ Միւնիխի (Գերմանիա) ապահովական քաղաքականութեան 43րդ խորհրդաժողովին, որ 35 տարիէ ի վեր աշխարհի առաջատար պետութիւններու կարեւորագոյն հաւաքատեղի է ապահովական խնդիրներ քննարկելու համար:

February 13th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Փութին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու Յարձակողապաշտ Քաղաքականութիւնը

Փութին Կը Քննադատէ Միացեալ Նահանգներու Յարձակողապաշտ Քաղաքականութիւնը

ՄԻՒՆԻԽ, «Ռոյթըրզ».- «Մէկ երկիր՝ Միացեալ Նահանգները, ամէն ձեւով անցած են իրենց աշխարհագրական սահմանները. անոնց այս ընթացքը կը սնուցէ նոր զինարշաւ մը, եւ կը շատնան այն երկիրները, որոնք կարիքը կը զգան հիւլէական զէնք ունենալու», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։ Ան նշեց, որ աշխարհը ականատես կ՚ըլլայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ «միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ուժի անտեղի գործածութեան անսանձ եւ [...]

February 13th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցի Արծարծում Իսրայէլացի Նախարար Աւի Տիխթըրի Հետ

ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցի Արծարծում Իսրայէլացի Նախարար Աւի Տիխթըրի Հետ

ՕԹԹԱՈՒԱ.- Փետրուար 5-6, Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի հրէական կազմակերպութիւններու երկամեայ դրութեամբ կայացող քաղաքական համագումարը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Արիս Պապիկեան: Համագումարին կը մասնակցէին Քանատայի մէջ հրէական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլէն ժամանած յատուկ պատուիրակութիւն մը, հանրային ապահովութեան նախարար Աւի Տիխթըրի գլխաւորութեամբ:
Համագումարի գլխաւոր թեման էր «Ժողովրդավարութեան զարգացումը»: [...]

February 13th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. Սարգիսի Վարքն Ու Օրինակը Կենդանի Պատգամ Բոլորիս Համար

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. Սարգիսի Վարքն Ու Օրինակը Կենդանի Պատգամ Բոլորիս Համար

Փասատինայի աւանդապահ հայ գաղութը անմոռաց օրեր եւ հաւատքի վերանորոգման եզակի պահեր ապրեցաւ Ս. Սարգիս զօրավարի տօնակատարութեան ամբողջ շաբաթը։ Առաջաւորացի ծոմապահութեան եռօրեայ եւ հնգօրեայ օրերը ուխտաւոր հաւատացեալներ յաճախակի առիթներով այցելեցին եկեղեցի, մոմ ու խունկ վառեցին, Քրիստոսի կենարար Ս. մարմինով ու արիւնով հաղորդուեցան։ Տակաւին, շաբաթավերջին, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը ամբողջութեամբ եռուզերի մէջ էր, հովիւ, հոգաբարձութիւն, Տիկնանց միութիւն, սարկաւագներ [...]

February 13th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԵԱՀԿի Ծուղակները

ԵԱՀԿի Ծուղակները

Որքան մօտենում են խորհրդարանական ընտրութիւնները, այնքան ակնյայտ է դառնում, որ Միացեալ Նահանգները ԵԱՀԿի միջոցով փորձում է կեանքի կոչել Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մի նոր ու բաւականաչափ լաւ հաշուարկուած ծրագիր։
Ի զուր չէր ամիսներ առաջ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի ամերիկացի համանախագահն ակնարկում ընտրութիւնների շրջանում եւս Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ներկայումս արտաքուստ՝ կրակի ու ջրի նման [...]

February 13th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ԿԻՒԼԷՆ ԿԱՐՃ ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՏՔ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ՝ Պիւյիւքանըթ Պիտի Արծարծէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Պայքարելու Հրամայականը

ԿԻՒԼԷՆ ԿԱՐՃ ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՏՔ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՎ՝ Պիւյիւքանըթ Պիտի Արծարծէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Պայքարելու Հրամայականը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան վերադարձին յայտնեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը կասեցնելու հարցով ամերիկան իշխանութիւնները չեն կրցած հաստատ երաշխիք մը տալ, այնուհետեւ խոստացած են իրենց աշխատանքները շարունակել բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով: Կիւլ աւելցուց, թէ ամերիկեան իշխանութիւններուն յստակ ձեւով բացատրած է, թէ Թուրքիա-ԱՄերիկա յարաբերութիւնները պիտի տուժեն, եթէ բանաձեւը վաւերացուի:
[...]

February 13th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Կենսոլորտային Վտանգ

Կենսոլորտային Վտանգ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Էրեբունի համայնքի թունաւոր թափօններու «գերեզմանոց»ի տարածքի 1200 մեթր երկարութեամբ հողային սահանքը դարձեալ «աշխոյժ» է: Ըստ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, հողային սահանքի դէմ քայլեր առնող մասնագիտական խումբի ղեկավար Ռոպերթ Եադոյեանի, մասնագէտները քննարկումներու ընթացքին առաջարկած են թափօնները «գերեզմանոց»էն հանել եւ ոչնչացնել:
Յառաջիկայ 10 տարիներու ընթացքին, այս աշխատանքին համար պէտք [...]

February 13th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Սարդարապատի Ճակատամարտի 90ամեակին Պատրաստութիւն

Սարդարապատի Ճակատամարտի 90ամեակին Պատրաստութիւն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարած է տրամաթիքական ստեղծագործութիւններու մրցոյթ՝ նուիրուած Սարդարապատի հերոսամարտի 90ամեակին: Մրցոյթի թեման 20րդ դարասկզբին ազգային-ազատագրական պայքարի արդիւնքով Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդի տարած պատմական յաղթանակն է. գլխաւոր մրցանակը՝ 700 հազար, իսկ խրախուսականը՝ 300 հազար դրամ է:
Մրցոյթին, իւրաքանչիւր հեղինակ կրնայ ներկայացնել մէկ ստեղծագործութիւն, որոնցմէ մրցանակակիրները պիտի բեմադրուին Գ. Սունդուկեանի անուան [...]

February 13th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայկական Ցեղասպանութեան Նիւթով «Արտոյտներու Ագարակը» Ժապաւէնը՝ Պերլինի Փառատօնին

Հայկական Ցեղասպանութեան Նիւթով «Արտոյտներու Ագարակը» Ժապաւէնը՝ Պերլինի Փառատօնին

Այս օրերուն (Փետրուար 8-18), Պերլինի մէջ տեղի կ’ունենայ ժապաւէններու միջազգային փառատօն մը, ուր պիտի կայանայ առաջին ցուցադրութիւնը Պաուլօ եւ Վիթթորիօ Թաւիանի եղբայրներու ժապաւէնին՝ «Արտոյտներու ագարակը» անունով:
Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Փետրուար 14ին եւ 15ին: Ժապաւէնը, որուն նիւթը Հայկական Ցեղասպանութիւնն է, արդիւնք է Իտալիա-Ֆրանսա-Սպանիա-Պուլկարիա համագործակցութեան: Գլխաւոր դերերը ստանձնած են քանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, Ալեխանտրօ Փրեզիոսի, Անճելա Մոլինա [...]

February 13th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հարցազրոյց՝ Սուրէն Չէքիճեանին Հետ՝ Առանց «Քամերամէն»ի

Հարցազրոյց՝ Սուրէն Չէքիճեանին Հետ՝ Առանց «Քամերամէն»ի

Սուրէն Չէքիճեան ծանօթ անուն մըն է Թորոնթոյի մէջ։ Անցեալ տարուան վերջաւորութեան, «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ, լոյս տեսաւ հեղինակի առաջին վէպը՝ «Ամառնային անձրեւ» խորագրով։ Այս առիթով հարցազրոյց մը ունեցանք հեղինակին հետ, առանց «քամերամէն»ի, ի տարբերութիւն այն հարցազրոյցներուն, ուր հարցադրողը ինքն է, «քամերա»ին առջեւ, «Նոր հայ հորիզոն» շաբաթական հեռատեսիլի յայտագրին համար։
[...]

February 13th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ԸՍՏ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՍՊԱՅԻ ՄԸ՝ Իրան Արդիական Ականներ Կը Տրամադրէ Իրաքի Զինեալ Խմբաւորումներուն ԻՐԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

ԸՍՏ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՍՊԱՅԻ ՄԸ՝ Իրան Արդիական Ականներ Կը Տրամադրէ Իրաքի Զինեալ Խմբաւորումներուն ԻՐԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւններու բարձրաստիճան սպայ մը Կիրակի, Փետրուար 11ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին միջազգային լրատու գործակալութիւններու յայտնեց, որ Իրան արդիական ականներ կը տրամադրէ Իրաքի մէջ գործող զինեալ խմբաւորումներուն։
Ան բացատրեց, որ Յունիս 2004էն մինչեւ անցեալ շաբաթ, աւելի քան 170 ամերիկացի զինուորներ զոհ գացած են այս ականներու, որոնք կարողութիւնը ունին կործանելու նոյնիսկ հրասայլեր։
[...]

February 13th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պաղտատի Մէջ Պայթումներ 80է Աւելի Զոհեր Կը Խլեն

Պաղտատի Մէջ Պայթումներ 80է Աւելի Զոհեր Կը Խլեն

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Փետրուար 12ը դարձեալ արիւնալի օր մը դարձաւ իրաքցիներու համար եւ միայն Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած քանի մը պայթումներու հետեւանքով սպաննուեցան աւելի քան 80 իրաքցիներ եւ վիրաւորուեցան 160է աւելի ուրիշներ:
Յարձակումներէն ամենաարիւնալին տեղի ունեցաւ Պաղտատի ամենահին շուկային մէջ, որու հետեւանքով սպաննուեցան 71 քաղաքայիններ:
Յայտնենք, թէ անցեալ տարի Փետրուար 12ին տեղի ունեցած էր շիիներու [...]

February 13th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ամր Մուսա Լաւատես Է Լիբանանի Տագնապին Լուծում Մը Գտնելու Հաւանականութեամբ

Ամր Մուսա Լաւատես Է Լիբանանի Տագնապին Լուծում Մը Գտնելու Հաւանականութեամբ

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիա այցելող Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա Երկուշաբթի, Փետրուար 12ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումէն ետք իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանանեան տագնապի լուծման ջանքերը կը շարունակուին եւ աւելցուց, թէ լաւատես է բոլոր կողմերը գոհացնող համաձայնութիւն մը գտնելու հաւանականութեամբ, հակառակ գոյութիւն ունեցող շարք մը բարդութիւններու:
Մուսա, որու անցեալ [...]

February 13th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԱՊՀ Երկրներու ՀՕՊ Հարցերով Հաւաք Երեւանի ՄԷջ

ԱՊՀ Երկրներու ՀՕՊ Հարցերով Հաւաք Երեւանի ՄԷջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ Փետրուար 14-16 տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ երկրիներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին առընթեր հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) հարցերու համադրող յանձնախումբի նիստը եւ ուսումնամեթոտական հաւաք:
Ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղարի, այդ առիթով ՀՕՊի այս յանձնախումբի նախագահ, զօրավար Վլատիմիր Միխայլովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փետրուար 14ին պիտի ժամանէ Երեւան: Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծաղկեպսակ [...]

February 13th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱԺի Ընտրութիւններուն ՀԱՍԿը Հաւանաբար Աջակցի Հ.Յ.Դ.ին Կամ ՀԺԿին

ԱԺի Ընտրութիւններուն ՀԱՍԿը Հաւանաբար Աջակցի Հ.Յ.Դ.ին Կամ ՀԺԿին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայաստանի Աշխատաւորական սոցիալիստական կուսակցութիւնը (ՀԱՍԿ) հնարաւոր է՝ աջակցի Հ.Յ.Դ.ին:
ՀԱՍԿի ղեկավար Մովսէս Շմաւոնեան երէկ տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսին յայտարարեց, թէ «աջակցութիւնը հիմնուած կը լինի այն հանգամանքի վրայ, որ երկու կուսակցութիւններն առաջնորդւում են միեւնոյն սոցիալիստական գաղափարախօսութեամբ»: Հնարաւոր է, որ ՀԱՍԿը ընտրութիւններուն մասնակցի նաեւ ՀԺԿի հետ: Երրորդ տարբերակը ընտրութիւններուն չմասնակցիլն է, «եթէ դրանք [...]

February 13th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ազերիները Տարակարծիք Են Իրարու Միջեւ

Ազերիները Տարակարծիք Են Իրարու Միջեւ

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու Մոսկուայի հանդիպումը դուռ բացաւ ներատրպեճանական պաշտօնական մակարդակի տարակարծութեան, երբ մէկ կողմէ ազերի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով, ակնարկելով այդ հանդիպումին, ըսաւ, թէ ետքայլ էր, սակայն արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով բաւականացաւ ըսելով, որ այդ բանակցութիւնները պարզապէս չարդարացուցին սպասումները:
Ազիմով սովորական դարձած մեղադրական ուղղեց Հայաստանի ըսելով, որ «արտաքին [...]

February 13th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

«Ներկայ ԱԺը Ի՛նք Պէտք Է Ընդունի Այս Օէնքը»

«Ներկայ ԱԺը Ի՛նք Պէտք Է Ընդունի Այս Օէնքը»

Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 8 Փետրուարին շարունակուեցան «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծի քննարկումները։
Հակառակ երկքաղաքացիութեան հարցին վերաբերեալ ձեռք բերուած ընդհանուր համաձայնութեան, պատգամաւորներուն միջեւ կային սուր տարակարծութիւններ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ կարեւոր հարցի մը, որ արծարծուած է բոլոր քննարկումներուն ընթացքին. երկքաղաքացիութեան համակարգին գործադրութիւնը պէտք է իրականացնել առաւելագոյն արդիւնաւէտ մեթոտներով, այսինքն՝ քաղաքացիութիւն [...]

February 13th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ Հայաստան Կ’ողջունէ Ամերիկահայութեան Տարած Աշխատանքը

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒ Հայաստան Կ’ողջունէ Ամերիկահայութեան Տարած Աշխատանքը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան երէկ Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Հայաստան կրնայ միայն ողջունել ԱՄՆի Քոնկրէսէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ամերիկահայութեան տարած աշխատանքը:
Կիրակոսեան ըսաւ. «Պաշտօնական Երեւանը չի կարող լոպպիստական կամ որեւէ այլ գործողութեամբ միջամտել ԱՄՆ Քոնկրէսում Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունմանը: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը ողջունում [...]

February 10th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՄԻՆՉ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿԸ ՁԵՌՆՈՒԻՆ՝ Լիբանանի Մէջ «Հըզպալլա»ի Պատկանող Զինամթերքի Գրաւումը Նոր Լարուածութիւն Կը Ստեղծէ

ՄԻՆՉ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿԸ ՁԵՌՆՈՒԻՆ՝ Լիբանանի Մէջ «Հըզպալլա»ի Պատկանող Զինամթերքի Գրաւումը Նոր Լարուածութիւն Կը Ստեղծէ

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 9ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Ժըմէյզի թաղամասի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ եւ մարոնիներու Սֆէյր պատրիարքի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան մը համար նոյն վայրը գտնուած Լիբանանի նախագահ Էմիլ Լահուտ եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հազուադէպօրէն ձեռնուեցան, սակայն խօսքեր չփոխանակեցին:
Փոխադարձաբար իրարու հրաժարումը պահանջող ղեկավարները մարոնիներու Սուրբ Մարունի տօնին առիթով տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ էին, որուն [...]

February 10th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԵԹԷ ԻՐԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՈՂՄԷ Այաթոլլա Խամանէի Կը Սպառնայ Հարուածել Ամերիկեան Շահերուն

ԵԹԷ ԻՐԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՈՂՄԷ Այաթոլլա Խամանէի Կը Սպառնայ Հարուածել Ամերիկեան Շահերուն

ԹԵՀՐԱՆ, «Ռպյթըրզ».- Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամանէի Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին սպառնաց հարուածել աշխարհի տարածքին գտնուող ամերիկեան շահերը, եթէ Միացեալ Նահանգներ յարձակում գործէ Իրանի վրայ:
Իրանեան օդուժի հրամանատարներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ան ըսաւ. «Թշնամին շատ լաւ գիտէ, թէ որեւէ ներխուժումի անմիջապէս պիտի յաջորդէ ընդհանուր եւ համապարփակ հակազդեցութիւն մը՝ ուղղուած ներխուժող կողմին եւ աշխարհի [...]

February 10th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Փալոն Եւ Նոլընպըրկ Թոմ Լանթոսէն Կը Պահանջեն Մերժել Թրքական Ճնշումը

Փալոն Եւ Նոլընպըրկ Թոմ Լանթոսէն Կը Պահանջեն Մերժել Թրքական Ճնշումը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրէսէն ներս Հայկական հարցերու համախմբումի զոյգ համանախագահներ՝ Ֆրէնք Փալոն եւ Ճօ Նոլընպըրկ նամակով մը իրենց զայրոյթը արտայայտեցին Թուրքիոյ կողմէ կատարուած այն սպառնալիքին, որ եթէ Քոնկրէսը իր օրակարգին վրայ դնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը, Անգարա քայլեր պիտի առնէ, որոնք կրնան վտանգի ենթարկել ամերիկեան ուժերու ապահովութիւնը Իրաքի մէջ, հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը:
Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց [...]

February 10th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՄԱՐԶԱԿԱՆ

ՄԱՐԶԱԿԱՆ

Հայաստանի պասքէթպոլի ընկերակցութիւնը հրաւէր ստացած է Եւրոպայի պասքէթպոլի ընկերակցութենէն (ՖԻՊԱ-Եւրոպա) մասնակցելու Մարտ 7-9 Սպանիոյ Վալենսիա քաղաքին մէջ կայանալիք «Օլ սթարզ կէյմզ» կանանց պասքէթպոլի Եւրոպայի լիկայի լաւագոյն կազմերու մրցաշարքին եւ կանանց

February 10th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ՄԷՀՄԷՏ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ Պիւյիւքանըթ Կրնայ Ամերիկացիները Տարհամոզել Հայկական Բանաձեւին Հարցով մէջ

ՄԷՀՄԷՏ ԱԼԻ ՊԻՐԱՆՏԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ Պիւյիւքանըթ Կրնայ Ամերիկացիները Տարհամոզել Հայկական Բանաձեւին Հարցով մէջ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք յայտնի լրագրող Մէհմէտ Ալի Պիրանտ Ուրբաթ, Փետրուար 9ին իր սիւնակին մէջ կը գրէ, որ թերեւս թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Պիւյիւքանըթ կրնայ ազդեցութիւն գործել ամերիկացի քոնկրէսականներու վրայ, որպէսզի հայկական բանաձեւը մերժուի։ Պիրանտ կը յիշեցնէ, թէ Քոնկրէսի մօտ կացութիւնը փայլուն չէ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ նախագահ Ճորճ Պուշի կառավարութիւնը տկարացած է դեմոկրատ մեծամասնութեան դիմաց:
[...]

February 10th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Mosaic-ի Ելոյթին Առիթով

Mosaic-ի Ելոյթին Առիթով

Կիրակի, 14 Յունուար, 2007ին, Կլէնտէյլի Alex թատերասրահին մէջ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Mosaic խորագրով հրամցուցած հրապարակային երգահանդէսը:
Հայ երկսեռ երիտասարդներու ստեղծագործ հանճարով ճոխացած յայտագրով, որուն անջատաբար մաս կազմեցին հեռաւոր Նիւ Եորքէն մինչեւ տեղականները, նոյն երիտասարդներու հինգ նուագախումբերն ու մեներգողները, «Համազգային»ը անգամ մը եւս տէր կը դառնար իր զաւակներուն [...]

February 10th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Լուրեր Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմէն

Լուրեր Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմէն

ՏՕՆ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻ
Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առթիւ, Կիրակի, Փետրուար 4ի առաւօտուն Արեւ. Լոս Անճելըսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան եւ սարկաւագութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ «Թարգմանչաց» եւ «Մանկունք» երգչախումբերու դպրապետ Արի Տէմիրալի եւ Ատիս Պետրոսեանի: Սուրբ սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան եւ սարկաւագները:
Նաեւ, [...]

February 10th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Ռոստոմ. Ազատագրութեան Դատի Նուիրեալը

Ռոստոմ. Ազատագրութեան Դատի Նուիրեալը

Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան մէջ ինքնօրինակ կերպար է Ռոստոմը։ Նա այն հազուագիւտ անձնաւորութիւնն է, որ գլխաւոր դերակատարութիւն է ունեցել Դաշնակցութեան գրեթէ բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններում, բայց եղել է չափազանց համեստ ու անփառատենչ։ Եւ երեւացել են նրանք, ովքեր իր գաղտնի կազմակերպչական աշխատանքների արդիւնքն էին։
Հայդուկային շարժումներից սկսած մինչեւ Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան արարումը, Ռոստոմը ամուր կանգնած էր բոլոր այն [...]

February 10th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Լենմարքըր Պաքուի Մէջ Կը Խօսի Ինքնորոշման Իրաւունքին Մասին

Լենմարքըր Պաքուի Մէջ Կը Խօսի Ինքնորոշման Իրաւունքին Մասին

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Կորան Լենմարքըր երէկ Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, «երկրների տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքից բացի, պէտք է ուշադրութեան առնուի հակամարտութեան գօտիներում ապրող բոլոր էթնիք խմբերի ինքնորոշման իրաւունքը: Ուստի կողմերը պէտք է իրենց երկրների հասարակայնութեանը նախապատրաստեն համատեղ ապրելուն»:
Եւրոպացի դիւանագէտը աւելցուց ըսելով, որ «հակամարտութիւնը վերջնականապէս կարելի է լուծել միայն [...]

February 10th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հրկիզուած Է Լրագրող Ա. Սաղաթէլեանի Ինքնաշարժը

Հրկիզուած Է Լրագրող Ա. Սաղաթէլեանի Ինքնաշարժը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Իմ իրաւունքը» թերթի եւ «Panorama. am» լրատուական գործակալութեան սեփականատէր Արա Սաղաթէլեան իր անձնական ինքնաշարժի հրկիզումը կ’առնչէ իր լրագրողական գործունէութեան:
Միաժամանակ ան մամուլին յայտնեց, որ առայժմ չի կրնար առաջադրել որեւէ վարկած, «յոյսը դնելով նախաքննութեան արդիւնքներու վրայ»: Ա. Սաղաթէլեանը միջադէպը չ’առնչեր նաեւ ապագայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Փետրուար 8ին, Մ. Խորենացիի փողոցի թիւ 34 շէնքի բակին մէջ [...]

February 10th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Փայլող, Մարող Եւ Վռնտուող Աստղեր

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Փայլող, Մարող Եւ Վռնտուող Աստղեր

Մարդկային պատմութեան վաղ ժամանակներէն աստղազարդ երկնակամարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է Երկիր մոլորակին բնակչութիւնը: Իրենց ծոծրակը ետ տանելով ու գիշերուան փայլփլուն երկինքը դիտելով, խորհրդածողներուն մարդիկ տուած են յաճախ՝ իմաստուն, մոգ, կախարդ, գուշակ կամ աստղագուշակ տիտղոսները, ցոյց տալու համար, թէ սովորական մահկանացուներու գիտցածէն ու տեսածէն տարբեր երեւոյթներու հետ կրնան հաղորդակցիլ անոնք ու կրնան իրենց ստացած պատգամները [...]

February 10th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղը Պարգեւատրեց Եղբ. Վիգէն Աբէլեանը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Սարդարապատ» Մասնաճիւղը Պարգեւատրեց Եղբ. Վիգէն Աբէլեանը

Շաբաթ, 3 Փետրուար 2007ի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղը պարգեւատրեց իր արժանաւոր անդամներէն եղբ. Վիգէն Աբէլեանը, երկար տարիներ մասնաճիւղի աշխատանքներու յաջողութեանց մէջ իր բերած ահերքելի ներդրումին, անվերապահ նուիրումին եւ միութենական օրինակելի կեցուածքին համար:
Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 3 Փետրուար 2007ի երեկոյեան, Օրէնճ Քաունթիի «Կոլտըն նայթ» ճաշարանը, աւելի քան 200 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ, որոնց [...]

February 10th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՈՒՈԼՖՈՈՒԻՑԻ ԾԱԿ ԳՈՒԼՊԱՆԵՐԸ

ՈՒՈԼՖՈՈՒԻՑԻ ԾԱԿ ԳՈՒԼՊԱՆԵՐԸ

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ, «Էյ.Փի.».- Անցեալ շաբաթ Թուրքիա այցելած Համաշխարհային դրամատան տնօրէն Փօլ Ուոլֆոուից նեղ կացութեան մատնուած էր, երբ արեւմտեան Թուրքիոյ Էտիրնէ քաղաքին մզկիթը մտնելու ընթացքին պարտադրուած էր կօշիկները հանելու: Լուսանկարիչները շուտով բացայայտած էին, որ անոր գուլպաները ծակ էին եւ թրքական ընկերութիւն մը արդէն իսկ երկվեցեակ զոյգ գուլպայ ղրկած է անոր:
Նկարին մէջ, Ուոլֆոուից ու անոր ծակ գուլպաները:

February 10th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Իսլամացած Հայերու Մասին Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Իսլամացած Հայերու Մասին Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Արմէն Արոյեանի կատարողութեամբ, իսլամացած հայերու մասին ժապաւէնի ցուցադրութիւն մը տեղի ունեցաւ 21 Յունուար 2007ին, Կիրակի երեկոյեան ժամը 4ին, «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ:
Յանձնախումբի պատասխանատու Անահիտ Մէյմարեան նախ ներկաներէն խնդրեց, որ մէկ վայրկեան լուռ եւ յոտնկայս յարգեն յիշատակը Հրանդ Տինքին (ոճիրի զոհ գացած երկու օր առաջ), ապա [...]

February 10th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Թուրքիան Հայ-Ատրպեճանական Նոր Բախում Է Հրահրում

Թուրքիան Հայ-Ատրպեճանական Նոր Բախում Է Հրահրում

Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող օրինագիծը Միացեալ Նահանգների Քոնկրէսի օրակարգ մտնելուց յետոյ անցած մէկ շաբաթուայ ընթացքում պաշտօնական Անգարան դիմում է լայնածաւալ քաղաքական զօրաշարժերի միաժամանակ երկու «ճակատների» վրայ։
Առաջինը ամերիկեան ուղղութիւնն է, ուր իրար հետեւից գործուղուող թուրք դիւանագէտներն ու խորհրդարանականները անյաջող փորձեր են ձեռնարկում՝ կանխելու հայկական օրինագծի յառաջիկայ քննարկումները Քոնկրէսի Ներկայացուցիչների պալատում։
Երկրորդը հարաւկովկասեան ուղղութիւնն է, ուր հակառակ [...]

February 10th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Ո՞վ Էր Յաղթականը

Ո՞վ Էր Յաղթականը

Երէկ իրիկուն, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ, կազմակերպութեամբ «Համազգային»ին, ներկայացուեցաւ դէպի Արեւմտահայաստան կատարուած ուխտագնացութիւն մը՝ նկարներով: Զաւէն Խանճեան հանրութեան ներկայացուց Պոլիսէն մինչեւ Կարս ու Անի իր ու խումբ մը այլ հայորդիներու «տուն այցելութիւնը»՝ լեցուն սրահի մը առջեւ, ուր նոյնիսկ պատերուն տակ ոտքի կեցած էին հանդիսատեսներ, հաւանաբար 100 հոգի: Սակայն կրնանք իբրեւ ականատես վկայել, որ նոյնքան թիւով [...]

February 10th, 2007

| Posted in Օրը Օրին | Read More »

Այցելութիւն Վահան Տերեանի Շիրիմին

Այցելութիւն Վահան Տերեանի Շիրիմին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 9ը հայ գրականութեան դասական Վահան Տէրեանի (1885-1920) ծննդեան օրն է, եւ ամէն տարի, այդ օրը Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ տեղի կ’ունենայ հանդիսութիւն:
Ներկայ էին Հայաստանի Գրողներու միութեան, «Չաւախք» հայրենակցական միութեան, «Հզօր հայրենիք» կուսակցութեան, «Վիրահայերի միասնութիւն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարներ, Երեւանի Վահան Տէրեանի անուան դպրոցի ուսուցիչներ, աշակերտներ եւայլն:
Ելոյթ ունենալով, ՀԳՄ նախագահ Լեւոն [...]

February 10th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ամերիկայի Պետական Քարտուղարութիւնը Տինքի Սպանութեան Մասին

Ամերիկայի Պետական Քարտուղարութիւնը Տինքի Սպանութեան Մասին

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին հրատարակած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի հարցերու օգնական Տէնիըլ Ֆրիտի հետ հարցազրոյցէ մը հատուածներ:
Ֆրիտ ըսած է, որ Թուրքիոյ քրէական օրէնքի 301րդ յօդուածը պէտք է փոխուի։ «Այսպիսի յօդուած մը դէմ է այսօրուան ժողովրդավար Թուրքիոյ ստեղծած պատկերին», ըսած է ան։ Ֆրիտ հարց տուած է, թէ ո՞վ է ան, [...]

February 10th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ատրպէյճանին Յանձնուած Զինուորը Արգելափակուած Է Ատրպէյճանի Մէջ

Ատրպէյճանին Յանձնուած Զինուորը Արգելափակուած Է Ատրպէյճանի Մէջ

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը հաստատած է ատրպեճանական բանակի զինուոր Էլտանիզ Նուրիեւի ձերբակալութեան լուրը: Ան վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին կողմէ յանձնուած էր Ատրպէյճանին:
Ըստ «Ազերի փրէս» գործակալութեան, Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը պարզաբանած է, որ Է. Նուրիեւ մեղադրուած է հայրենիքի դաւաճանութեան, դասալքութեան եւ մարտական հերթապահութեան կանոններու խախտումի յօդուածներով:
Ատրպեճանական բանակի զինուորը Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն մօտ [...]

February 10th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱԺ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԽԽՎ Կը Սպասէ Հայաստանի Հրաւէրին

ԱԺ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵԽԽՎ Կը Սպասէ Հայաստանի Հրաւէրին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդը կ’ակնկալէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն դէտեր առաքելու կապակցութեամբ հրաւէր ստանալ ՀՀ իշխանութիւններէն: «Յոյսով ենք, որ դա կը լինի մօտ ապագայում», երէկ կայացած մամլոյ ասուլիսին ըսաւ Հայաստանի մէջ Եւրոխորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Պոյեանա Ուրումովա:
Այս անգամ ԵԽԽՎը մտադիր է առաքելութիւն ուղարկել նախ քան քուէարկութեան օրը:
«Եթէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքները կեղծուեն (ի հարկէ, [...]

February 10th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ՝ Ս. Ղեւոնդեանց Միացեալ Համագումար Մասնակցութեամբ՝ Հիւս. Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան Եւ Քանատայի Թեմերու Հոգեւորականներուն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԵԱՄԲ՝ Ս. Ղեւոնդեանց Միացեալ Համագումար Մասնակցութեամբ՝ Հիւս. Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան Եւ Քանատայի Թեմերու Հոգեւորականներուն

Հայց. Առաքելական եկեղեցին Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց զօրավարաց հաւատամարտի անմահ յիշատակը ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը տօնախմբէ եկեղեցական արարողութիւններով, պատարագով, ժողովրդային ձեռնարկներով եւ աշակերտական հանդիսութիւններով։
Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին, որ տօնն է նաեւ Հայ քահանայութեան, Ազգային առաջնորդարանը տարիներու աւանդութեան համաձայն, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութեամբ, եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն՝ հոգեւորականաց համագումար կը կազմակերպէ, եկեղեցական [...]

February 10th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«Ակօս» Կը Շարունակէ Սպառնալիքներու Տեղատարափի Ենթարկուիլ

«Ակօս» Կը Շարունակէ Սպառնալիքներու Տեղատարափի Ենթարկուիլ

Թրքական «Վաթան» թերթը Ուրբաթ, Փետրուար 9ին հաղորդեց, թէ հայկական «Ակօս» թերթը կը շարունակէ սպառնալիքներ ստանալ։ Թերթի աշխատակից ու Հրանդ Տինքի բարեկամ Այտըն Էնկին կ՚ըսէ, որ «Ակօս» շարունակ սպառնալիքներ կը ստանար ու այս սպառնալիքներուն թիւը Տինքի սպանութենէն մինչեւ այսօր 250ի հասած է, որոնց հետեւանքով երկու երեք գործակիցներ նոյնիսկ հեռացած են «Ակօս»ի խմբագրութենէն։
Յուղարկաւորութենէն մէկ օր առաջ [...]

February 10th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Դարձեալ «Թեղուտի Պղնձամոլիպտենային Հանքավայրի Շահագործման Նախագիծ»ի Մասին

Դարձեալ «Թեղուտի Պղնձամոլիպտենային Հանքավայրի Շահագործման Նախագիծ»ի Մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարութիւնը արտօնած է «Արմինեըն քափըր փրոկրամ» ընկերութեան, որ շարունակէ ուսումնասիրել եւ նպատակայարմարութեան պարագային շահագործել Թեղուտի պղնձամոլիպտենային հանքավայրը (Թումանեանի տարածաշրջան): Կազմուած նախագիծին, որ արդէն ներկայացուած է բնապահպանութեան նախարարութիւն, բնագիտական փորձաքննական խումբը տուած է դրական եզրակացութիւն:
Ըստ Հայաստանի Կանաչներու միութեան նախագահ Յակոբ Սանասարեանի, հանքարդիւնաբերութեան տրամադրուող 1970 հեքթար անտառատարածքը, որու բուսական եւ [...]

February 10th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Մինչեւ Տարեվերջ Կ’աւարտի Հայ-Չինական Գործարանի Կառուցումը

Մինչեւ Տարեվերջ Կ’աւարտի Հայ-Չինական Գործարանի Կառուցումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մինչեւ տարեվերջ կ’աւարտին Չինաստանի մէջ կառուցուող հայ-չինական արուեստական քաուչուքի Շանսի-Նայիրիտ գործարանի շինարարական աշխատանքները:
Ըստ «Նայիրիտ-2» ընկերութեան տնօրէն Ալպերթ Սուքիասեանի, ձեռնարկութիւնը կը սկսի աշխատիլ 2008ի սկիզբին: Անոր տարեկան արտադրական հզօրութիւնը պիտի կազմէ 30 հազար թոն: Ձեռնարկութեան կառուցման համար պիտի կատարուի 100 միլիոն տոլար ներդրում:
Նշենք նաեւ, որ ընկերութեան շահի 40 տոկոսը պիտի փոխանցուի ՀՀ [...]

February 9th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՄՈՒՇԱՐՐԱՖ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՉ ԿԸ ՔՆՆԷ ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՄՈՒՇԱՐՐԱՖ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՉ ԿԸ ՔՆՆԷ ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Անգարա այցելող Փաքիստանի նախագահը Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ աշխատանք պիտի տանի վերակենդանացնելու համար Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը:
Նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ իր այս շրջապտոյտը ձեռնարկած էր իսլամական որոշ երկիրներու ղեկավարներուն հետ խորհրդակցելու համար իսլամական աշխարհը յուզող հարցերը դիմագրաւելու միջոցներ գտնելու նպատակով: «Պիտի քննենք պաղեստինեան հարցը, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ [...]

February 9th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄԻՆՉ ՉՈՐՍ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ԵՒՍ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ Ամերիկեան Ռմբակոծում Մը Տասնեակներով Քաղաքային Զոհեր Կը Պատճառէ

ՄԻՆՉ ՉՈՐՍ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ԵՒՍ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ Ամերիկեան Ռմբակոծում Մը Տասնեակներով Քաղաքային Զոհեր Կը Պատճառէ

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի Անպար նահանգին մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումներու ընթացքին Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին սպաննուեցան չորս ամերիկացի զինուորներ եւս, հաղորդեց ամերիկեան զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը, ցարդ Իրաքի մէջ սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասցնելով 3114ի:
Ամերիկեան աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, թէ Հինգշաբթի օր ռմբակոծած են ապստամբներու կեդրոն մը, սպաննելով 13 հոգի, սակայն իրաքեան աղբիւրներ հաղորդեցին,՝ թէ ռմբակոծուած թիրախները [...]

February 9th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Կիւլ Կը Շարունակէ Իր Սպառնալիքները Ամերիկայի Հասցէին ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՐԷԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Կիւլ Կը Շարունակէ Իր Սպառնալիքները Ամերիկայի Հասցէին ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՐԷԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ կը շարունակէ իր հանդիպումները Ուաշինկթընի մէջ, իր ամերիկացի խօսակիցներուն փոխանցելով սպառնական պատգամներ՝ ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Ըստ Կիւլի, եթէ Քոնկրէսը քուէարկէ ի նպաստ այս բանաձեւին, այդ պարագային մեծ վնաս պիտի հասնի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն:
Ուաշինկթընի մէջ, Կիւլ տեսակցութիւն ունեցաւ քոնկրէսական Ճան Մըրթայի հետ, որ նախագահն է պաշտպանութեան [...]

February 9th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Վանի Անհետացած Աշխարհը

Վանի Անհետացած Աշխարհը

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Նոյեմբեր 8, 2005ին, լոյս ընծայեցինք լոս անճելըսահայ ծանօթ ազգայիններէն Յովսէփ Թոքատի հետ Իշխան Ճինպաշեանի վարած հարցազրոյցը, որու ընդմէջէն կը ներկայացուէր Թոքատի արժէքաւոր աշխատութիւնը՝ «Հայ արծաթագործ վարպետներ» խորագրով:
Գիրքին մասին գրախօսական մը ունի նաեւ ծանօթ թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու՝ «Էօզկիւր կիւնտէմ» թրքերէն ամսագրին մէջ: Զարաքօլու բազմիցս դատական հետապնդումի ենթարկուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, հայութեան ու [...]

February 9th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Լուրջ Տարակարծութիւններ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Միջեւ

Լուրջ Տարակարծութիւններ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Միջեւ

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի՝ յատկապէս ռուս եւ ամերիկացի համանախագահներ, յաջորդաբար Եուրի Մերզլեաքովի եւ Մէթիու Պրայզայի միջեւ լուրջ տարակարծութիւններ բացայայտուեցան երէկ, երբ Մերզլեաքով հրապարակաւ յայտարարեց, թէ Արցախի հարցով կողմերու միջեւ տարբերութիւնները միայն թեքնիք հարցեր չեն:
Մերզլեաքով կ’ակնարկէր Պրայզայի այն յայտարարութեան, թէ կողմերը շատ մօտ են համաձայնութեան, հիմնական տարրերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է եւ մնացած են միայն [...]

February 9th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ռ. Քոչարեան Հաստատեց Ազգային Ապահովութեան Ռազմավարութիւնը

Ռ. Քոչարեան Հաստատեց Ազգային Ապահովութեան Ռազմավարութիւնը

«ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Փետրուարի 7ին հրամանագրով հաստատեց ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւնը, հիմնուելով երկրի սահմանադրութեան 49րդ յօդուածին վրայ եւ հաշուի առնելով համապատասխան յանձնաժողովի առաջարկը:
ՀՀ ազգային ապահովութեան ռազմավարութիւնը հաւանութեան արժանացած էր Ազգային ապահովութեան խորհուրդի 2007ի Յունուարի 26ի նիստին:
Փաստաթուղթին մէջ սահմանուած են Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ապահովութեան հիմնարար արժէքները՝ անկախութիւնը, պետութեան եւ ժողովրդի պաշտպանուածութիւնը, խաղաղութիւնը [...]

February 9th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հադրութի Առաջամուղ Գիւղը Կը Վերականգնուի

Հադրութի Առաջամուղ Գիւղը Կը Վերականգնուի

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղը կը վերականգնուի «Թիւֆէնքեան» բարեսիրական հիմնադրամի (ԹԲՀ) ԼՂՀ մասնաճիւղի կողմէ:
Ըստ մասնաճիւղի փոխտնօրէն, գործարար ծրագիրներու ղեկավար Էտուարտ Գրիգորեանի, ԼՂի մէջ հիմնադրամը կը գործէ սահմանամերձ գիւղերը վերականգնելու եւ վերաբնակեցնելու նպատակով:
Առաջամուղի վերականգման աշխատանքները սկսած են 2003ին: Գիւղին մէջ կառուցուած է 18 տուն, որոնք արդէն բնակեցուած են: Անոնք 3-4 սենեակնոց առանձնատուներ են՝ [...]

February 9th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ՝ Հրանդ Տինքի Սպանութիւնը Մանրանկար՝ Ցեղասպանութեան Թղթածրարին

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ՝ Հրանդ Տինքի Սպանութիւնը Մանրանկար՝ Ցեղասպանութեան Թղթածրարին

Հրանդ Տինքի սպանութեան յաջորդող իւրաքանչիւր օրը, շաբաթը, լոյս աշխարհ բերին )վաղը ամիսներն ալ նոյն գործը պիտի ընեն( իրականութիւններ, որոնք գաղտնիքներ չէին, սակայն եւ այնպէս, աղաղակող ապացոյցներ եղան մէկ կողմէ՝ հայկական, ու միւս կողմէ՝ թրքական ճակատներու դիրքորոշումներուն, պատմական ճշմարտութեանց ու զանոնք քօղարկել-դրժելու Թուրքիոյ անվաղորդայն ճիգերուն։
Երանի թէ Հրանդ փրկուած ըլլար ոճիրէն։ Այսպէս կը մտածէ իւրաքանչիւր հայ, [...]

February 9th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Իրականացուած Է «Առողջ Ընտանիք Առանց Ծխախոտի» Ծրագիրը

Իրականացուած Է «Առողջ Ընտանիք Առանց Ծխախոտի» Ծրագիրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պետական ամավարկէն հասարակական երկխօսութեան եւ զարգացման կեդրոնի աջակցութեամբ, «Վերելք» հասարակական կազմակերպութեան յատկացուած 1.8 միլիոն դրամ դրամաշնորհով իրականացուած է «Առողջ ընտանիք առանց ծխախոտի» ծրագիրը:
Փետրուար 7ին ներակայացնելով շուրջ 8 ամիս տեւած ծրագիրի արդիւնքները՝ ՀԿ նախագահ Ելենա Յակոբեան նշեց, որ ծրագիրի նպատակն էր բարձրացնել ընտանեկան բժիշկներու եւ դպրոցներու ուսուցիչներու գիտելիքները առողջ ապրելակերպի, մասնաւորապէս՝ ծխամոլութեան վնասակար [...]

February 9th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԵՐԺԱԾ Է ԱՔՍԱՅԻ ՄԶԿԻԹԻ ՔՈՎ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԴԻՄՈՒՄԸ

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԵՐԺԱԾ Է ԱՔՍԱՅԻ ՄԶԿԻԹԻ ՔՈՎ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԴԻՄՈՒՄԸ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին հաղորդուեցաւ, թէ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ մերժած է կասեցնել վերջին քանի մը օրերուն պաղեստինեան բողոքի ցոյցերու դուռ բացած շինարարական այն աշխատանքները, որոնք կը կատարուին իսլամներու համար ամենասուրբ վայրերէն մէկը նկատուող Աքսայի մզկիթին մօտ: Այս նպատակով վարչապետին դիմած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ամիր Փերէցը, սակայն Օլմերթ մերժած է ընթացք տալ աշխատանքները [...]

February 9th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիան Կորցնում Է Հայաստանի Հարցում Ծագած Հնարաւորութիւնը

Թուրքիան Կորցնում Է Հայաստանի Հարցում Ծագած Հնարաւորութիւնը

Անգարան բաց է թողել եզակի պահը։ Թուրքահայ յայտնի լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութիւնից երեք շաբաթ անց Թուրքիայի իշխանութիւնները, կարծես թէ, չեն ըմբռնել ո՛չ Տինքի կեանքի ուղերձը, ո՛չ էլ նրա մահուան խորհուրդը:
Թուրք մոլագար ազգայնականի ձեռքերով իրականացուած Հրանդ Տինքի ցնցող մահուանն անմիջապէս յաջորդած օրերին, եւ մենք՝ Հայաստանում, եւ այլոք՝ ամբողջ աշխարհում, ուզում էին հաւատալ, որ հասարակական վշտի [...]

February 9th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Պոլսոյ Պատրիարքը, Փամուք Եւ Մահճուպեան Նոյն Հասցէէն Յղուած Սպառնալիք Ստացած Են

Պոլսոյ Պատրիարքը, Փամուք Եւ Մահճուպեան Նոյն Հասցէէն Յղուած Սպառնալիք Ստացած Են

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, Տրապիզոնէն վերջերս սպառնալիքներ կատարուած են նաեւ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին, այլախոհ վիպագիր Օրհան Փամուքին ու «Ակօս»ի նոր խմբագիր Էթիէն Մահճուպեանի հասցէներուն։
Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին թրքական թերթեր արձագանգեցին այս սպառնալիքներու առնչութեամբ պատրիարքին ըրած յայտարարութեանց։
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, պատրիարքը յայտարարած է, որ իր համակարգիչին վրայ քննութիւններ ընել արտօնած է Պոլսոյ [...]

February 9th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղագիծին Համաձայնութիւնը Ստորագրուեցաւ

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղագիծին Համաձայնութիւնը Ստորագրուեցաւ

ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլի ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 7ին Թիֆլիսի մէջ ստորագրեցին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծին կառուցման համաձայնագիրը։
Այս ծրագիրը պիտի իրականանայ երկու տարիէն ու պիտի արժէ 420 միլիոն տոլար։ Երեք երկիրները կը յուսան զայն դարձնել նոր Մետաքսի ճամբայ մը, որ Եւրոպան պիտի կապէ Միջին Ասիոյ երկիրներուն։ [...]

February 9th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Աւելի Երիտասարդ Երեւելու Համար

Աւելի Երիտասարդ Երեւելու Համար

Երիտասարդութիւնը համեմատաբար երկար պահելու գաղտնիքը առաջին հերթին կը կայանայ առողջ հոգիի ու լուսաւոր մտքի մէջ: Անոր կողքին կան նաեւ ֆիզիքական ազդակները եւ ժամանակի թաւալումին պատճառով ծերացող մեր մորթը ու բնականաբար՝ դէմքը:
Առաջինին պարագային անիկա երկար ու ամէնօրեայ կատարուելիք աշխատանք մըն է, որուն պտուղը քաղելը բաւական հաճելի է: Ամէն օր մեր էութեան եւ հոգիին գոյութեան անդրադառնալով [...]

February 9th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ԱԺի Խմբակցութիւնները Հ. Տինքի Սպանութիւնը Կը Դատապարտեն

ԱԺի Խմբակցութիւնները Հ. Տինքի Սպանութիւնը Կը Դատապարտեն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններն ու խումբերը երէկ հրապարակեցին «Ակօս» շաբաթաթերի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը դատապարտող միացեալ յայտարարութիւն:
«ՀՀ Ազգային ժողովը խստօրէն դատապարտում է «Ակօս» շաբաթաթերի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի նենգ սպանութիւնը եւ այդ յանցագործութիւնը գնահատում է որպէս խօսքի ազատութեան, մարդու իրաւունքների եւ հայկական փոքրամասնութեան ներկայացուցչի դէմ կատարուած ոճրագործութիւն:
«ՀՀ Ազգային ժողովն [...]

February 9th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱԺը Աւարտեց Երկքաղաքացիութեան Օրէնսդրական Թղթածրարի Քննարկումը

ԱԺը Աւարտեց Երկքաղաքացիութեան Օրէնսդրական Թղթածրարի Քննարկումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանը երէկ աւարտեց նախորդ օր սկսած «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ առաջադրող օրինագծին, ինչպէս նաեւ կից ներկայացուող «Զինապարտութեան մասին» օրէնքին մէջ եւ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ, քրէական ու ընտրական օրէնսգիրքերու մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններու նախագիծերու քննարկումները:
Ներկայացուած օրէնսդրական թղթածրարին մասին պատգամաւորները ելոյթներ ունեցան, խմբակցութիւնները ներկայացուցրին իրենց դիրքորոշումները:
«Արդարութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան [...]

February 9th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

2006ին Հարկային Համակարգէն Աշխատանքէ Արձակուած Է 50 Հոգի

2006ին Հարկային Համակարգէն Աշխատանքէ Արձակուած Է 50 Հոգի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէներէս».- ՀՀ կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան մէջ նախորդ տարի կատարուած ներքին վերահսկողական աշխատանքներու ծիրէն ներս կատարուած է 46 ծառայողական քննութիւն, որոնց եզրակացութիւններու հիման վրայ, 115 հարկային ծառայող ենթարկուած է պատասխանատուութեան, իսկ մէկ հոգի գործէ արձակուած է:
2006ին, նոյն ծառայութեան մէջ աշխատելու համար կազմակերպուած է երեք մրցոյթ, որոնց մասնակցած է 594 քաղաքացի: Աշխատանքի ընդունուած [...]

February 9th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Զինեալ Բախումներ Իսրայէլ-Լիբանան Սահմանին Վրայ

Զինեալ Բախումներ Իսրայէլ-Լիբանան Սահմանին Վրայ

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 8ի կանուխ ժամերուն, հարաւային Լիբանան հաստատուած լիբանանեան բանակին զինուորները կրակ բացին սահմանը խախտած իսրայէլեան ինքնաշարժներու վրայ, որու հետեւանքով կարճ ժամանակի մը համար զինեալ ընդհարումներ տեղի ունեցած իսրայէլեան եւ լիբանանեան բանակներուն միջեւ, սակայն մարդկային զոհեր չարձանագրուեցան:
Հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին բանբեր մը «վտանգաւոր միջադէպ» որակեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակի միջեւ [...]

February 9th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Գործակցութեան Ծրագիր ՄԱԿի Եւ Հայաստանի Միջեւ

Գործակցութեան Ծրագիր ՄԱԿի Եւ Հայաստանի Միջեւ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) եւ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ գործակցութեան ծրագիր: Ծրագիրի հիմնական բաղադրիչներէն մէկը հանրային իրազեկման բարձրացման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերն են:
«Այս ծրագրով մենք ամէն հնարաւորը կ’անենք, որպէսզի մարդու իրաւունքների մասին հանրային իրազեկութեան մակարդակը բարձրանայ Հայաստանի նոյնիսկ ամենահեռաւոր գիւղերում, եւ ստեղծուեն երկրում մարդու իրաւունքների կրթութեան, պաշտպանութեան եւ առաջմղման [...]

February 9th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Համաս» Եւ «Ֆաթհ» Մասնակի Համաձայնութիւն Կը Գոյացնեն

«Համաս» Եւ «Ֆաթհ» Մասնակի Համաձայնութիւն Կը Գոյացնեն

ՄԵՔՔԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին, «Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի ղեկավարութիւնները Մեքքայի մէջ յայտարարեցին, թէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան շուրջ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է արդէն, սակայն կողմերը կը շարունակեն տարակարծիք մնալ բոլորին կողմէ ընդունելի քաղաքական վարքագիծ մը որդեգրելու հարցին շուրջ:
Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն ապտէլ Ազիզ թագաւորի հրաւէրին ընդառաջելով՝ «Ֆաթհ»ի ղեկավար եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ [...]

February 9th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

“ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ՊՐԱԶԻԼ 0-2 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԷՆ

“ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ, ՊՐԱԶԻԼ 0-2 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ ՓՈՐԹՈՒԿԱԼԷՆ

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին տեղի ունեցած շարք մը ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն մէջ ամենահետաքրքրական մրցումը իրարու դէմ հանեց աշխարհի թիւ մէկ ֆութպոլի ազգային խումբը՝ Պրազիլը եւ անոր նախկին գաղութատէրը՝ Փորթուկալը։

February 8th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Փելոսի Չի Կրնար Ընդառաջել Կիւլի Հետ Հանդիպման Խնդրանքին

Փելոսի Չի Կրնար Ընդառաջել Կիւլի Հետ Հանդիպման Խնդրանքին

ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի գրասենեակը երէկ «Ասպարէզ»ի յայտնեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի կողմէ տեսակցութեան խնդրանք մը ստացած են, սակայն չեն կրցած ընդառաջել անոր:
Փելոսիի գրասենեակէն Տրու Հէմիլ «Ասպարէզ»ին ըսաւ. «Խօսնակին գրասենակը պիտի չկարենայ ընդառաջել այդ խնդրանքին՝ ժամանակացոյցի պատճառով»: Հէմիլ աւելցուց, թէ գրասենեակը գերխճողուած է նոր ամավարկի եւ հրատապ բնոյթի այլ [...]

February 8th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Կրթութեան Նախարարը Այցելեց Արագածոտնի Դպրոցներ

Կրթութեան Նախարարը Այցելեց Արագածոտնի Դպրոցներ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը Փետրուար 7ին այցելեց Արագածոտնի մարզ եւ հանդիպումներ ունեցաւ Կոշ, Արուճ գիւղերու միջնակարգ դպրոցներու ուսուցչական կազմին հետ:
Նախարարը յայտնեց, որ քանի մը տարի առաջ Կոշի միջնակարգ դպրոց իր այցելութեան ընթացքին քննուած էին եղածը պահպանելու հարցեր, այժմ կը քննուին դպրոցի հեղինակութեան բարձրացման, շէնքային, գոյքային, [...]

February 8th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Վարդի Եաղլեանի Յիշատակին

Վարդի Եաղլեանի Յիշատակին

«Բագին»ի խմբագրական կազմը, որ նոր նշանակուած է, բաղկացած է հետեւեալ անձերէն.-
Քանատա՝ Յարութ Պէրպէրեան
ԱՄՆ Արեւելեան շրջան՝ դոկտ. Հրանդ Մարգարեան
Ֆրանսա՝ Վիգէն Դարբինեան,
Հայաստան՝ Արքեմնիկ Նիկողոսեան,
Լիբանան՝ Սարգիս Կիրակոսեան, Մովսէս Հերկելեան, Զաք

February 8th, 2007

| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »

Կարէն Սամարգաշեանի Ծովանկարներու Ցուցահանդէսը

Կարէն Սամարգաշեանի Ծովանկարներու Ցուցահանդէսը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Փետրուար 6ին, բնութեան պետական թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ Կարէն Սամարգաշեանի անհատական ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են 45 ծովանկարներ եւ նաւերու 7 մանրակերտներ:
Ըստ թանգարանի տնօրէն Վահագն Մինասեանի, Կ. Սամարգաշեանի արուեստը շատ ինքնատիպ է եւ բացառիկ. «Նա ունի գոյնի հիանալի զգացողութիւն, ինչը թոյլ է տալիս ենթադրել, որ հետագայում նրա արուեստն աւելի մեծ ժողովրդականութիւն [...]

February 8th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ծփացող Փոքրիկ Հայաստանը Կամ՝ Հայ Ժառանգութեան Նաւապտոյտը

Ծփացող Փոքրիկ Հայաստանը Կամ՝ Հայ Ժառանգութեան Նաւապտոյտը

ԱՆՈՒՇՎԱՐԴ
– Աչքերուս չե՛մ հաւատար։
– Երա՞զ է, թէ՝ իրականութիւն։
Բացագանչութիւն, երջանկութեան արցունքներ եւ գիրկընդխառնում։
Այո՛, անահաւատալի, բայց իրաւ։ Քառասուն տարիներ առաջ Երուսաղէմէն ամուսնացեալ երկու զոյգեր՝ տէր եւ տիկին Ա. եւ Ք., եւ Ս. եւ Դ., որոնք ճակատագրի բերումով իրարմէ հրաժեշտ առած եւ երկրագունտի հակառակ ուղղութեամբ ճամբորդած էին, մէկ զոյգը՝ Աւստրալիա, իսկ միւսը՝ Քալիֆորնիա, ըսէ՛ք, [...]

February 8th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԼՂն Երբեք Չի Կրնար Առեւտուրի Առարկայ Ըլլալ Կը Յայտարարէ Վ. Օսկանեան

ԼՂն Երբեք Չի Կրնար Առեւտուրի Առարկայ Ըլլալ Կը Յայտարարէ Վ. Օսկանեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կառավարութեան հարցապնդումի օրակարգի ծիրէն ներս, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չի կրնար ըլլալ առեւտուրի առարկայ, ոչ կազի, ոչ քարիւղի հետ. «Ի հարկէ, եթէ մինչ այդ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուի, շատ աւելի հեշտ կը լինի նաեւ այդ խնդիրների կարգաւորումը, բայց երբեք կազը, նաւթը գին չեն [...]

February 8th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ռուսաստանը Եւ Արեւմուտքը Հակամարտային Տարածաշրջաններում Տանում Են Իրավիճակի Սառեցմա՞ն

Ռուսաստանը Եւ Արեւմուտքը Հակամարտային Տարածաշրջաններում Տանում Են Իրավիճակի Սառեցմա՞ն

Վերջին երկու շաբաթուայ ընթացքում միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչների հնչեցրած արտայայտութիւնները յետխորհրդային տարածքի հակամարտային շրջանների, մասնաւորապէս՝ Ղարաբաղեան խնդրադրութեան մասին իրենց մէջ կրում են մի շարք յստակ հաղորդագրութիւններ։ Դրանց հիմնական միտքը հետեւեալն է՝ ոչ մի պատերազմ, միայն խաղաղ բանակցութիւններ։ Այդ միտքն արտայայտեցին թէ՛ Եւրոմիութեան, թէ՛ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչները եւ թէ՛ Մինսքի խմբի համանախագահները։
Վերջիններս տարածաշրջան կատարած իրենց վերջին այցի [...]

February 8th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ԼԱՀՈՒՏ ՄԱԿ-ԷՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԱՆՏԵՍԵԼ ՍԻՆԻՈՐԱՅԻ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ ՄԱԿը Կը Վաւերացնէ Հարիրիի Հարցով Միջազգային Ատեանի Օրինագիծը

ԼԱՀՈՒՏ ՄԱԿ-ԷՆ ԿԸ ԽՆԴՐԷ ԱՆՏԵՍԵԼ ՍԻՆԻՈՐԱՅԻ ԴԻՄՈՒՄՆԵՐԸ ՄԱԿը Կը Վաւերացնէ Հարիրիի Հարցով Միջազգային Ատեանի Օրինագիծը

ՄԱԿ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Փետրուար 6ի երեկոյեան, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը վաւերացուց Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանին կազմութեան օրինագիծը։ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին բանբերը յայտնեց, որ ՄԱԿ այս մասին համաձայնութիւն կնքած է Լիբանանի կառավարութեան հետ։ Անոր համաձայն՝ բանաձեւը կը վերադարձուի Լիբանանի իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք, Լիբանանի սահմանադրութեան համաձայն, համապատասխան գործընթացի դիմեն եւ վաւերացնեն զայն, [...]

February 8th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հրանդ Տինքի Ընտանիքը Մտադիր Է Դատ Բանալ Թուրքիոյ Ոստիկանութեան Դէմ ՏԻՆՔԻ ԴԷՄ ԴԱՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ…

Հրանդ Տինքի Ընտանիքը Մտադիր Է Դատ Բանալ Թուրքիոյ Ոստիկանութեան Դէմ ՏԻՆՔԻ ԴԷՄ ԴԱՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ…

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Աքշամ».- «Ակօս» թերթի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանը լրագրողներուն յայտնած է, թէ Տինքի ընտանիքը մտադիր է դատ բանալ ոստիկանութեան գաղտնի սպասարկութեան բաժնի պաշտօնազրկուած տնօրէն Ահմատ Իլհան Կիւլէրի դէմ, որովհետեւ ան լրջութեամբ չէր մօտեցած Տինքի դէմ մահափորձի մը ծրագրին կապակցութեամբ իրեն հաղորդուած տեղեկութիւններուն:
Միւս կողմէ, «Միլլիյէթ» թերթը Չորեքշաբթի օր կը տեղեկացնէ, թէ Հրանդ [...]

February 8th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀՀ Խորհրդարանը Սկսաւ Քննել Երկքաղաքացիութեան Օրինագիծի Թղթածրարը

ՀՀ Խորհրդարանը Սկսաւ Քննել Երկքաղաքացիութեան Օրինագիծի Թղթածրարը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանը Փետրուար 7ին սկսաւ քննել կառավարութեան կողմէ առաջին ընթերցման ներկայացուած քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծը, ինչպէս նաեւ կից ներկայացուող փոփոխութիւնները զինապարտութեան օրէնքին մասին եւ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ, քրէական ու ընտրական օրէնսգիրքերուն մէջ:
Օրէնսդրական թղթածրարը ներկայացնելու ընթացքին, հիմնական զեկուցաբեր, արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ օրինագիծին նպատակն է [...]

February 8th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Համահայկական Գրական Հիմնադրամը Հանգանակեց 140 Հազար Տոլար

Համահայկական Գրական Հիմնադրամը Հանգանակեց 140 Հազար Տոլար

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի Փետրուար 4ի համահայկական գրական հիմնադրամի թելեթոնին գոյացած է 140 հազար տոլարի չափով (տոլար, դրամ, եուրօ) գումար, որ պիտի ծառայէ արդի հայ գրականութեան զարգացման խթանման խնդիրներուն:
Դրամահաւաքին մասնակցած են Հայաստանի եւ արտերկիրի հայրենակիցներ եւ զանազան խմբակներ: Ամենամեծ նուիրատուութիւնը կատարած է Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան՝ 50 հազար տոլար: Բացի այդ, [...]

February 8th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Թենիսիստները Պիտի Մասնակցին Տէյվիսի Մրցումներուն

Հայաստանի Թենիսիստները Պիտի Մասնակցին Տէյվիսի Մրցումներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի թենիսիստները 2007ին պիտի մասնակցին Տէյվիսի բաժակի (այրերու թենիսի ոչ պաշտօնական աշխարհի խմբային ախոյեանութիւն) եւրոպական մրցումներուն, ինչպէս նաեւ ազգային մրցումներուն:
Ըստ թենիսի ընկերակցութեան գործադիր փոխնախագահ Ալեքսանդր Ծատուրեանի, ինչպէս եւ նախորդ մրցաշրջաններուն, Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան երկու միջազգային պատանեկան մրցումներ, իսկ Հայաստանի պատանի թենիսիստները պիտի մասնակցին եւրոպական շարք մը միջազգային մրցումներու՝ ԱՊՀի [...]

February 8th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Կիւլ Նոյն Յանկերգը Կը Կրկնէ Ուաշինկթընի Մէջ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ՝ Կիւլ Նոյն Յանկերգը Կը Կրկնէ Ուաշինկթընի Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.», «Մարմարա».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Ուաշինկթընի մէջ Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին իր պաշտօնակից Քանտըլիզա Ռայսի հետ հանդիպումին ընթացքին երաշխիքներ ստացած է Ռայսէն, թէ կառավարութիւնը զօրակոչի ենթարկուած է, որպէսզի կարենայ արգելք ըլլալ Քոնկրէսին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման։
Կիւլ աւելի ուշ հայկական բանաձեւի մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Ազգային մամլոյ ակումբի սրահին [...]

February 8th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ո՞վ է Վարդի Եաղլեան

Ո՞վ է Վարդի Եաղլեան

Վարդի Եաղլեան ծնած է 8 Մայիս, 1943ին, Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքը, Օննիկ եւ Աղաւնի Մեհթերեաններու ընտանիքին մէջ:
1947ին ընտանիքը կը փոխադրուի Լիբանան, ուր ան կը յաճախէ նախ «Մխիթարեան» վարժարան եւ ապա «Համազգային»ի «Նշան Փալանճեան» ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1961ին:
Իր ուսումը կը շարունակէ ֆրանսական Ecole des Lettres-ի մէջ, հետեւելով մանկավարժական դասընթացքներու, միաժամանակ պաշտօնավարելով Հայ կաթողիկէ «Մեսրոպեան» [...]

February 8th, 2007

| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »

Ամերիկեան Ուղղաթիռ Մը Եւս Կը Չախջախուի Իրաքի Մէջ

Ամերիկեան Ուղղաթիռ Մը Եւս Կը Չախջախուի Իրաքի Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 7ին, Պաղտատէն հիւսիսարեւմուտք գտնուող շրջանի մը մէջ ջախջախուած է ամերիկեան ուժերու ռազմական ուղղաթիռ մը եւս, որ հինգերորդն էր վերջին 18 օրերու ընթացքին:
Ըստ նախնական տուեալներու, սպաննուած են ուղղաթիռին մէջ գտնուող եօթը ամերիկացի զինուորներ:
Իրաքի մէջ «Քայիտա» կազմակերպութեան բանբեր մը յայտարարեց, թէ կազմակերպութեան զինեալները զգետնած են ուղղաթիռը:
Միւս կողմէ, Իրաքի վարչապետ [...]

February 8th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »