Home » June 29th, 2007Entries posted on “June, 2007”

Յունիս 28ը Արցախեան Ազատամարտի Անհետ Կորսուած Ազատամարտիկներու Օրն Է

Յունիս 28ը Արցախեան Ազատամարտի Անհետ Կորսուած Ազատամարտիկներու Օրն Է

ԵՐԵՒԱՆ, ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Յունիս 29ին Եռաբլուր պանթեոնին մէջ ծաղիկներ զետեղուեցան արցախեան պատերազմին անհետ կորսուած ազատամարտիկներու յուշաքարին:
Անոնց յիշատակը յարգելու եկած էին «Արաբօ» ջոկատի անդամները, արցախեան հերոսամարտին որդիներ, ընկերներ կորսնցնողները: Տասնհինգ տարի առաջ՝ Յունիս 29ին, ղարաբաղեան պատերազմին անհետ կորսուած է 76 ազատամարտիկ, որոնցմէ 22ը՝ «Արաբօ» ջոկատէն. «Այսօր մենք որոշել ենք լաց չլինել, ցոյցեր չկազմակերպել, այլ [...]

June 29th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՆԻՒ ԵՈՐՔ Անկախութեան 89րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն

ՆԻՒ ԵՈՐՔ Անկախութեան 89րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն

Ուրբաթ, Յունիս 1ի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնում (Վուտսայտ), ներկայու-թեամբ շուրջ 250 հանդիսականների, ճնշող մեծամասնութեամբ երիտասարդների, տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 89րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը:
Տօնակատարութիւնը կազմակերպել էր՝ Հ.Յ.Դ. Նիւ Եորքի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւնը, որին իրենց մասնակցութիւնն էին բերել քոյր միութիւններ՝ Նիւ Եորքի Հայ Դատի Յանձնախումբը, Նիւ Եորքի Հայ օգնութեան միութեան «Էրեբունի» մասնաճիւղը, [...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Նախարարը Օսկանեան Կը Յայտարարէ. «ԼՂՀ Տէ-Ֆաքթօ Արդէն Անկախ Է, Մնում Է Բանակցութիւնների Օգնութեամբ Ամրագրել Դա Տէ-Եուրէ»

Նախարարը Օսկանեան Կը Յայտարարէ. «ԼՂՀ Տէ-Ֆաքթօ Արդէն Անկախ Է, Մնում Է Բանակցութիւնների Օգնութեամբ Ամրագրել Դա Տէ-Եուրէ»

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Պաշտօնական Պաքուի ռազմաշունչ յայտարարութիւնները խոչընդոտ են հանդիսանում հակամարտութեան կարգաւորման համար»: Այս մասին Յունիս 29ի ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան: Ան նշեց, որ կողմերը իրենց յայտարարութիւններով պէտք է նպաստեն, այլ ոչ թէ խոչընդոտեն կարգաւորման գործընթացը:
Ըստ նախարար Օսկանեանի, փաստաթուղթը, որ կը քննուի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն, կը ներառէ կարգաւորման [...]

June 29th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ներկայացուցիչներու Տան Մեծամասնութիւնը Կը Զօրակցի Հայկական Ցեղասպանութեան Բանաձեւին ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ԱՐՇԱՒԻՆ

Ներկայացուցիչներու Տան Մեծամասնութիւնը Կը Զօրակցի Հայկական Ցեղասպանութեան Բանաձեւին ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ԱՐՇԱՒԻՆ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ուրբաթ, Յունիս 29ին հաղորդեց, թէ վերջին քանի մը օրերուն շարք մը այլ քոնկրէսականներ եւս աւելցած են Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին զօրակցողներու ցանկին վրայ, ընդհանուր թիւը հասցնելով 218ի, ինչ որ մեծամասնութեան համազօր է:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ-տնօրէն Արամ Համբարեան ողջունեց այս իրադարձութիւնը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրէսական Էտըմ Շիֆին ու անոր [...]

June 29th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՓԱՐԻԶ 30 Յունիսին «Հրանդ Տինք» Դպրոցին Բացումը Պիտի Կատարուի

ՓԱՐԻԶ 30 Յունիսին «Հրանդ Տինք» Դպրոցին Բացումը Պիտի Կատարուի

«Հայրենիք»ի 23 Մարտի թիւին մէջ հրապարակուած «Կտոր մը Սասուն… Փարիզի մէջ» խորագիրը կրող յօդուածով հաղորդուած էր հետեւեալը. «Անոնք «Հայրենիք»ին փոխանցեցին, թէ ներկայիս վերանորոգման ընթացքի մէջ գտնուող շէնքին մէջ Սեպտեմբերին պիտի սկսի գործել «Հրանդ Տինք» դպրոցը: Մանկապարտէզի երկու դասարաններով ճամբայ ելլող այս դպրոցը ամէն տարի մէկ կարգ պիտի բարձրանայ ու դառնայ նոր սերունդի հայեցի կրթութեան օճախ»:
[...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՓԱՐԱԿՈՒԷՅ ԵՒ ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ ԿԵՐՏԵՑԻՆ «ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ»Ի ԱՌԱՉԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

ՓԱՐԱԿՈՒԷՅ ԵՒ ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ ԿԵՐՏԵՑԻՆ «ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ»Ի ԱՌԱՉԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Վենեզուէլլայի մէջ կայացող «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. խմբակին առաջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան Հինգշաբթի, Յունիս 29ին:
Օրուան առաջին մրցումին, Փարակուէյի ազգային խումբը 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Քոլոմպիայի կազմը, մինչ երկրորդ մրցումին Միացեալ Նահանգներու հաւաքականը մինչեւ կիսախաղ 1-1 հաւասարութիւն մը ապահովելէ ետք, 4-1 արդիւնքով տեղի տուաւ Արժանթինի դիմաց:
Նկարին մէջ, Արժանթին-Միացեալ Նահանգներ մրցումէն դրուագ [...]

June 29th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Աստուածաշունչի Սերտողութեանց Տարեշրջանը Եզրափակուեցաւ

Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Աստուածաշունչի Սերտողութեանց Տարեշրջանը Եզրափակուեցաւ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, տասնամեակներէ ի վեր կը գործեն Ս. Գրոց խմբակները։ Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ եւ դաստիարակիչ բնոյթով հաւաքներ տեղի կ’ունենան ծխական մեր եկեղեցիներուն մէջ, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ առաջնորդութեամբ թեմիս հոգեւոր հայրերուն, Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եկեղեցասէր եղբայրակցութեան եւ նուիրեալ սպասարկուներուն։
Երեքշաբթի, 26 Յունիս 2007ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ [...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Կիպրոսի Արդարադատութեան Նախարարը Ժամանեց Երեւան

Կիպրոսի Արդարադատութեան Նախարարը Ժամանեց Երեւան

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունիս 29ին եռօրեայ այցով Երեւան ժամանեց Կիպրոսի արդարադատութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարար Սոֆոքլիս Սոֆոքլեուսի գլխաւորութեամբ: Այցի շրջանակներով կը նախատեսուի քննել եւ մշակել իրաւական օգնութեան վերաբերեալ հայ-կիպրական պայմանագիրի հիմնական դրոյթները: Պայմանագիրը նախատեսուած է ստորագրել տարեվերջին, նախարար Գէորգ Դանիէլեանի Կիպրոս ծրագրուող այցի ընթացքին:

June 29th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Տեղի Ունեցաւ Համօ Սահեանի Յուշատախտակի Բացումը

Տեղի Ունեցաւ Համօ Սահեանի Յուշատախտակի Բացումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 20րդ դարի երկրորդ կէսի հայ մեծ քնարերգու Համօ Սահեանի յուշատախտակի բացումը կատարուեցաւ Յունիս 28ին, Կասեան 3 հասցէ ունեցող տան մօտ, ուր բանաստեղծը ապրած էր 1960-1973ին: Յուշատախտակի հեղինակն է քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեանը:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի խօսքերով, Հ. Սահեանի ինքնատիպ բանաստեղծութիւնը անվերջ արդիական է եւ յաւերժ ուղեկիցն է մարդկայինին ու գեղեցիկին, [...]

June 29th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Վերաբնակեցումը Համայն Հայութեան Խնդիրն Է ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԼՂՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ԳԱՂԹԻ, ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐԻ ԵՒ ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏ ՍԵՐԺ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վերաբնակեցումը Համայն Հայութեան Խնդիրն Է ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԼՂՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՆ ԱՌԸՆԹԵՐ ԳԱՂԹԻ, ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐԻ ԵՒ ՎԵՐԱԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏ ՍԵՐԺ ԱՄԻՐԽԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑՈՒՄ.- ԼՂՀ կառավարութեան կողմից հաստատուած վերաբնակեցման ծրագիր կա՞յ: Եթէ այո, ապա ինչպէ՞ս կարող ենք ծանօթանալ դրան: Այս տարուայ ընթացքում ո՞ր շրջաններում վերաբնակեցման ինչպիսի՞ աշխատանքներ են կատարուել եւ կատարուելու:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- ԼՂՀում Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի պատճառով փախստականների վերաբնակեցումը ԼՂՀ տարածքում սկսուել է 1992 թուականից՝ Շուշիի ազատագրումից անմիջապէս յետոյ: Վերաբնակեցման բնագաւառը ԼՂՀ կառավարութեան կողմից կարգաւորուել է կառավարութեան՝ մէկ [...]

June 29th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Վեհափառ Հայրապետին Անունով Սեպուհ Արք. Կը Հանդիպի Իրանի Նախկին Նախագահ Խաթեմիին

Վեհափառ Հայրապետին Անունով Սեպուհ Արք. Կը Հանդիպի Իրանի Նախկին Նախագահ Խաթեմիին

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ 23 Յունիս 2007ին, Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հանդիում մը ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախկին նախագահ Մոհամմէտ Խաթեմիին հետ եւ գրաւոր պատգամ մը փոխանցեց անոր:
Վեհափառ հայրապետին պատուիրակը նախագահ Խաթեմիին յայտնեց յատկապէս, Նորին Սրբութեան յառաջիկայ առաջադրանքները կրօններու երկխօսութեան առնչութեամբ: Այս գծով, [...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Վեհափառ Հայրապետը Պարգեւատրեց Վարդանեան Եղբայրները

Վեհափառ Հայրապետը Պարգեւատրեց Վարդանեան Եղբայրները

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի 24 Յունիս 2007ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն ետք, կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս պարգեւատրեց Յարութիւն եւ Սուրէն Վարդանեան եղբայրները, Տէր Զօրէն: Ներկայ էին միաբան հայրեր, Ազգ. քաղաքական կազմակերպութեանց եւ մշակութային միութեանց ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Լեւոն Սարգիսեան եւ Սուրիայէն ու Լիբանանէն ժամանած հայորդիներ:
[...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԼՂՀ ԿԱ միկրացիայի, փախստականների եւ վերաբնակեցման վարչութեան (01 Յունուար 2006թ. առ 31 Դեկտեմբեր 2006թ.)

ԼՂՀ ԿԱ միկրացիայի, փախստականների եւ վերաբնակեցման վարչութեան (01 Յունուար 2006թ. առ 31 Դեկտեմբեր 2006թ.)

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան 2005թ. Նոյեմբերի 29ի «ԼՂՀ 2006թ. պետական պիւտճէի միջոցների հաշուին նախատեսուած վերաբնակիչների եւ փախստականների ծրագիրը հաստատելու մասին» թիւ 503 որոշմամբ, ծրագրի իրականացման համար նախատեսուել էր 1036.1 միլիոն դրամ, որն իրացուել է համաձայն ԼՂՀ կառավարութեան 2003թ. Ապրիլի 15ի «ԼՂՀ տարածքում վերաբնակուող ընտանիքներին տրամադրուող արտօնութիւնների մասին» թիւ 121 որոշման ուղղուածութեան:
2006 թուականին Հայաստանի Հանրապետութիւնից [...]

June 29th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՀՕՄԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՉԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Աշակերտական Միօրեայ Դասապահեր

ՀՕՄԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՉԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Շաբաթօրեայ Վարժարաններու Աշակերտական Միօրեայ Դասապահեր

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբին, Շաբաթ, 19 Մայիս, 2007ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:30ին, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Կլէնտէյլի կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցան իր տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներու յատուկ միօրեայ դասապահեր:
Այսպէս, Շաբաթօրեայ յանձնախումբի ծրագրումով, հրաւիրուեցան ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու 10 տարեկան եւ վեր բոլոր աշակերտները, որոնք իրենց դասատուներու [...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ «Պոռնկանա՞լ» Եկեղեցւոյ Նկատմամբ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ «Պոռնկանա՞լ» Եկեղեցւոյ Նկատմամբ

Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին քննադատող աղանդաւորական շարժումներու առաջին նպատակը՝ կեդրոնախոյս ձգտումն է, Աստուծոյ հետ հոգեկան՝ ուղղակի կապի ստեղծումի պատճառաբանութեամբ, իսկ վերջին նպատակը՝ Եկեղեցիին քանդումը: Զանազան նկատումներով ապակեդրոնացեալ դրութեան նպաստաւոր պայմանները, աղանդաւորական շարժումներու ղեկավարները կը մղեն հաւատացեալ ժողովուրդը հեռացնելու իր Եկեղեցիէն, աւելի զօրաւոր «հաւատք» ուսուցանելու խաբեպատիր խոստումներով եւ «հրաշագործութեան» արտաքին կազմակերպուած ձեւակերպութիւններով:
Աւետարանին նկատմամբ անոնց ունեցած «բծախնդրութիւնը» [...]

June 29th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԻ ՄԸ ԱՌԱՉՔԸ Կ’ԱՌՆԷ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՉ

ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԻ ՄԸ ԱՌԱՉՔԸ Կ’ԱՌՆԷ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՉ

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Յունիս 29ի կանուխ ժամերուն, Լոնտոնի ոստիկանութիւնը կասկածելի ինքնաշարժի մը մէջ գտնուած ական մը կրցած է չէզոքացնել, ուժգին պայթումի մը առաջքը առնելով:
Ոստիկանութեան համաձայն, պայթումը հաւանաբար բազմաթիւ զոհեր պիտի խլէր, որովհետեւ այդ պահուն շրջանին մէջ գտնուող թատերական սրահներէն մեծ թիւով քաղաքացիներ դուրս կու գային:
Յայտնենք, թէ Յուլիս 7, 2005ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած [...]

June 29th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՉԱՒԱԽՔ Հայկական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Վրացական Իշխանութիւններէն Կը Պահանջէ Յարգել Նախօրօք Տուած Խոստումները

ՉԱՒԱԽՔ Հայկական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդը Վրացական Իշխանութիւններէն Կը Պահանջէ Յարգել Նախօրօք Տուած Խոստումները

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Երէկ, Յունիս 29ին, Սամցխէ-Չաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ Վրաստանի կեդրոնական իշխանութիւններու քայլերուն կապակցութեամբ, կապուած Ախալքալաքի մէջ նախկին ռուսական ռազմական յենակէտի շուրջ ընթացող գործընթացներուն հետ:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Եթէ ռուսական յենակէտի դուրս բերման գործընթացների սկսումից առաջ երկրի ղեկավարութեան, այդ թւում նաեւ նախագահ Մ. Սահակաշւիլու կողմից [...]

June 29th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Թումանեանի Դուստրը (Թամար Թումանեանի 100ամեակին)

Թումանեանի Դուստրը (Թամար Թումանեանի 100ամեակին)

Մեր ժողովրդի համար նշանակալից է այն ամէնը, ինչ կապւում է Յովհաննէս Թումանեանի յաւերժ նուիրական անուան հետ, առաւել եւս այն ամէնը, ինչ թանկ ու նուիրական է եղել հէնց իր՝ բանաստեղծի համար։ Տիեզերքի, յաւերժի ու կեցութեան գոյաբանական խնդիրներով տարուած՝ իր «հոգու կենսագրութիւնները»՝ քառեակները արարող բանաստեղծը ընտանիքին ուղղուած նամակում գրում է. «Առանց երեխաների ապրել չեմ կարողանում ուղղակի… Երկու [...]

June 29th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Պոլսոյ Պատրիարքարանը Նոր Սպառնալիքներ Կը Ստանայ

Պոլսոյ Պատրիարքարանը Նոր Սպառնալիքներ Կը Ստանայ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքարանի «Լրաբեր»ը կը հաղորդէ, որ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան դարձեալ նամակ մը ղրկած է Պոլսոյ կուսակալ Մուամմէր Կիւլէրին, տեղեակ պահելով, որ պատրիարքարանը հեռաձայնային նոր սպառնալիքներ ստացած է հայութեան վրայ հաւանական յարձակումներու մասին:
Նամակին մէջ դիտել տրուած է, որ Յունիս 28ի յետմիջօրէին հետեւեալ պատգամը փոխանցուած է հեռաձայնով. «Մօտ օրէն սպանդ մը պիտի կատարուի [...]

June 29th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՊՈԼԻՍ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Շէնքերը Երեք Ամիսէն Պէտք Է Վերադարձուին

ՊՈԼԻՍ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Շէնքերը Երեք Ամիսէն Պէտք Է Վերադարձուին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին երկու օրերու ընթացքին բազմաթիւ տեղական թերթեր արձագանգ հանդիսացան այն լուրին, ըստ որու «բարեկամական» լուծումով փակուած էր Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցին կողմէ Եւրոպական մարդկային իրաւունքներու ատեանի )ԵՄԻԱ) մօտ Թուրքիոյ դէմ բացուած դատը։ Ինչպէս հաղորդած էինք արդէն, Անգարա ընդունած է հիւանդանոցին վերադարձնել Պէյօղլուի ու Գատըգիւղի երկու շէնքերը, որոնք բռնագրաւուած էին 1936ի օրէնքներու հիման վրայ։ [...]

June 29th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ’ողջունէ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Գործադիր Խմբագրին Հրաժարումը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ’ողջունէ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Գործադիր Խմբագրին Հրաժարումը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարչութեան անդամ Զանգու Արմէնեան ողջունեց «Լոս Անճելըս թայմզ» թերթի գործադիր խմբագիր Տակլըս Ֆրանցի հրաժարումը, զայն «յարմար պատասխան մը նկատելով» անոր ցուցաբերած ոչ արհեստավարժ քայլերուն եւ հակահայ կեցուածքին:
Ամերիկահայութիւնը Ֆրանցին հրաժարումը պահանջած էր, երբ ան անցեալ Ապրիլին արգելք հանդիսացած էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին յօդուածի մը լոյս ընծայման, պնդելով, թէ [...]

June 29th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԻՆԳ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ԵՒՍ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՉ

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԻՆԳ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ԵՒՍ ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՉ

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Ուրբաթ, Յունիս 29ին հաղորդեց, թէ Պաղտատի հարաւային շրջաններուն մէջ խումբ մը ապստամբներ համակարգուած յարձակումի մը ընթացքին ականներով եւ զէնքերով հարուածած են շրջանէն անցնող ամերիկեան ջոկատ մը, սպաննելով հինգ ամերիկացի զինուորներ եւ վիրաւորելով եօթը ուրիշներ: Ապստամբներու մարդկային զոհերուն մասին տեղեկութիւններ չփոխանցուեցաւ:
Ըստ ամերիկեան բանակին, այս ամսուան ընթացքին 99 ամերիկացի [...]

June 29th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Աւարտուեց Ուսումնական Տարին

Աւարտուեց Ուսումնական Տարին

Յայտնի է, որ 2007ը Արամ Ա. հայրապետի կողմից հռչակուած է որպէս Հայոց լեզուի տարի։ Նկատի առնելով սոյն հանգամանքը, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչակազմը պատրաստել էր հայոց լեզուի ու պատմութեան վերաբերեալ հայ գրողների ու երգահանների ստեղծագործութիւններն ընդգրկող գեղարուեստական ճոխ ծրագիր՝ երգի, արտասանութեան եւ պարերի համադրումով, որ փայլուն կերպով ներկայացրին աշակերտները։
Աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, [...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Արամ Կաթողիկոսի Օծման 12րդ Տարեդարձը

Արամ Կաթողիկոսի Օծման 12րդ Տարեդարձը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 12րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 24 Յունիս 2007ին, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ «Հայրապետական մաղթանք»։
Այս առիթով, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին եւ «Հայրապետական մաղթանք»ի յատուկ արարողութիւն։
Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Յիսուսի ներկայացուցած բարի [...]

June 29th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Ատրպէյճանի Նախագահը Հանդիպեցաւ Հայկական Պատուիրակութեան Հետ

Ատրպէյճանի Նախագահը Հանդիպեցաւ Հայկական Պատուիրակութեան Հետ

ՊԱՔՈՒ, «Նոյեան Տապան».- Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու խումբը, որ նախորդ օր աւարտած էր իր այցը Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան, Յունիս 29ին ընդունեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Խումբին մաս կը կազմէին Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեանը, Երեւանի երաժշտանոցի տնօրէն Սերկէյ Սարաջեանը, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանը, Երեւանի ռուսական թատրոնի ղեկավար Ալեքսանդր Գրիգորեանը, [...]

June 29th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ «ԳԻՒՏ»Ը. «ԵԹԷ ՀԱՅԵՐԸ ԱՏԷԻՆՔ, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՉ 70 ՀԱԶԱՐ ՀԱՅ Կ՚ԱՊՐԷ՞Ր»

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ «ԳԻՒՏ»Ը. «ԵԹԷ ՀԱՅԵՐԸ ԱՏԷԻՆՔ, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՉ 70 ՀԱԶԱՐ ՀԱՅ Կ՚ԱՊՐԷ՞Ր»

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ «Աթաթիւրք» Համալսարանի կողմէ կազմակերպուած եւ «Հայ-թուրք յարաբերութիւններ»ու նուիրուած աշխատաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցողները ընդհանրապէս ցոլացուցած են Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտները եւ այն եզրակացութեան յանգած են, որ Հայկական Հարցը ոչ մօտիկ եւ ոչ ալ հեռաւոր ապագային կրնայ լուծիլ, իսկ երկու ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւումը անհաւանական նկատուեցաւ:
Նիստերու ընթացքին ելոյթ ունեցած Ատրպէյճանի անկախ [...]

June 29th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Հոլտուոթըր». Խորհրդաւոր Անունը՝ Հակահայկական Առաջատար Կայքէջի Հիմնադիրին

«Հոլտուոթըր». Խորհրդաւոր Անունը՝ Հակահայկական Առաջատար Կայքէջի Հիմնադիրին

Տիզնիի նախկին նկարիչ Մուրատ Կիւմէն կը սիրէ գնահատուիլ Միքի Մաուսի իր հռչակաւոր մանկական կենդանի շարժապատկերներուն, ինչպէս նաեւ շինծու տիպարներուն համար, օրինակ՝ «Ուոնտըրկայ»ը։
Բայց այն միակ իրականութիւնը, որ թրքական ծագումով ամերիկացի նշանաւոր այդ անձնաւորութիւնը չ՚ուզեր, որ ոեւէ մէկը գիտնայ, այն է, թէ ինք կը վարէ համացանցին վրայ հայերու նկատմամբ ամէնէն թշնամական կայքէջերէն մէկը՝ «ԹոլԱրմինիընԹէյլ.քամ»ը։ «Հոլտուոթըր» ծածկանունին [...]

June 29th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

«ArmTech 2007» Համաժողովին Պիտի Մասնակցին 500 Կազմակերպութիւններ

«ArmTech 2007» Համաժողովին Պիտի Մասնակցին 500 Կազմակերպութիւններ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Սան Ֆրանսիսքոյի Սիլիքոն Հովիտին մէջ Յուլիս 4-7ին տեղի պիտի ունենայ «ArmTech 2007»՝ Համահայկական ճարտարագիտական միջազգային առաջին գործարար համաժողովը, որուն խորագիրն է «Սորվելով անցեալէն՝ կերտել ապագան»:
Համաժողովին պիտի մասնակցին շուրջ 500 միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ ոլորտի նշանաւոր մասնագէտներ Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, ԱՊՀէն եւ Հայաստանէն:
Հայաստանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ նախագահի տնտեսական հարցերով խորհրդական [...]

June 29th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ Փարիզի Մէջ Կը Բացուի Հայ Ժամանակակից Արուեստի Ցուցահանդէս

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՉ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ Փարիզի Մէջ Կը Բացուի Հայ Ժամանակակից Արուեստի Ցուցահանդէս

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ սպասարկութիւնը կը հաղորդէ, թէ Փարիզի Լիւքսեմպուրկ պալատին մէջ Երեքշաբթի, Յունիս 26ին բացումը կատարուեցաւ հայ ժամանակակից գեղարուեստին նուիրուած ցուցահանդէսի մը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան նախաձեռնութեանց ծիրէն ներս:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են արուեստի մօտաւորապէս 100 պաստառներ եւ քանդակներ, որոնք կը պատկանին Հայաստան ու Հայաստանէն դուրս ապրող հայ ժամանակակից 23 արուեստագէտներու:
Բացման արարողութեան [...]

June 28th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

“Յուլիս 3ին Կը Սկսին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 32րդ Մարզախաղերու Եզրափակիչ Ձեռնարկները

“Յուլիս 3ին Կը Սկսին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 32րդ Մարզախաղերու Եզրափակիչ Ձեռնարկները

30 Յունիս-Յուլիս 1ի շաբաթավերջին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի մարզադաշտերուն վրայ պիտի շարունակուին Նաւասարդեան մարզախաղերու պասքէթպոլի բոլոր դասակարգերու զտումի մրցումները: Այս շաբաթավերջը վստահաբար ճակատագրական պիտի ըլլայ շատ մը խումբերու համար, որոնք իրենց լաւագոյն խաղարկութիւններով պիտի փորձեն անպայման աւարտական հանգրուանին անցնիլ եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրել:
Երեքշաբթի, 3 Յուլիսին, պաշտօնապէս սկիզբ պիտի առնեն 32րդ Նաւասարդեանի եզրափակիչ ձեռնարկները, Պըրմինկհամ [...]

June 28th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ «ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆ»Ի ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՀԱՍԱՒ

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ «ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆ»Ի ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՀԱՍԱՒ

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի «Ուիմպըլտըն» մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, 23րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Հինգշաբթի, Յունիս 28ին ապահովեց երրորդ հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-2, 6-3, 5-7, 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր քանատացի մրցակից Ֆրէնք Տանքեւիչը:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Հինգշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին:

June 28th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Ներկայացուեցաւ Չարենցի «Վերջին Խօսք» Ժողովածուն

Ներկայացուեցաւ Չարենցի «Վերջին Խօսք» Ժողովածուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Եղիշէ Չարենցի (1897-1937) անտիպ ձեռագիրներէն կազմուած «Վերջին խօսք» գիրք-մատեանը: Զայն բանաստեղծի ծննդեան 110րդ տարեդարձի եւ մահուան 70ամեակի առթիւ լոյս ընծայած է «Հայագիտակ» հրատարակչութիւնը՝ «Սեղանի գիրք» մատենաշարով: Հրատարակութիւնը կատարուած է հանգուցեալ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի մեկենասութեամբ:
Գիրքը կազմող, խմբագիր, հրատարակիչ, «Հայագիտակ» հրատարակչութեան տնօրէն Ալպերթ Իսոյեան նշեց, թէ «Վերջին խօսքը», որ այնուհետեւ [...]

June 28th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Եւրոմիութեան Նախագահութիւնը Ստանձնող Փորթուկալ Կ’ուզէ Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հարցին Քննարկումը Յետաձգել

Եւրոմիութեան Նախագահութիւնը Ստանձնող Փորթուկալ Կ’ուզէ Թուրքիոյ Անդամակցութեան Հարցին Քննարկումը Յետաձգել

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Եւրոպական միութեան վեցամսեայ նախագահութիւնը Յուլիս 1ին ստանձնող Փորթուկալի եւրոպական հարցերու պետական նախարար Մանուէլ Լոպօ Անթունէս Հինգշաբթի, Յունիս 28ին յայտարարեց, թէ Լիզպոն համաձայն չէ, որ իր նախագահութեան օրերուն օրակարգի վրայ դրուին Եւրոպական միութեան ընդարձակման ու Թուրքիան լիիրաւ անդամ դարձնելու հարցերը, որոնք կ’առաջադրուին Ֆրանսայի կողմէ:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի տարիներ առիթներով շեշտած է, թէ Եւրոմիութեան [...]

June 28th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Քոնկրէսական Ռոյպալ Ալարտ Աշխատանք Կը Տանի Հայկական Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Վաւերացումը Ապահովելու Համար

Քոնկրէսական Ռոյպալ Ալարտ Աշխատանք Կը Տանի Հայկական Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Վաւերացումը Ապահովելու Համար

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Լուսիլ Ռոյպալ Ալարտ (Դ., Քալիֆորնիա) կարեւոր դերակատարութիւն մը ստանձնած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքներուն մէջ, սերտօրէն գործակցելով աւելի քան 210 քոնկրէսականներուն հետ, որոնք որոշած են զօրակցիլ բանաձեւին:
Ան այս շաբթուան ընթացքին խորհրդակցութիւններու շարք մը ունեցած է ցարդ բանաձեւին իրենց զօրակցութիւնը չյայտնած խումբ [...]

June 28th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Լիբանանցի Զինուորներ Հինգ Օտարահպատակ Զինեալներ Կը Սպաննեն Թրիփոլիի Մօտերը

Լիբանանցի Զինուորներ Հինգ Օտարահպատակ Զինեալներ Կը Սպաննեն Թրիփոլիի Մօտերը

ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքի մօտերը գտնուող Քալամուն շրջանին մէջ Հինգշաբթի, Յունիս 28ին «Ֆաթհ իսլամ» կազմակերպութեան անդամ զինեալներ եւ լիբանանեան բանակին միջեւ բախումներ տեղի ուեցան, որոնց հետեւանքով սպաննուեցան հինգ զինեալներ, որոնցմէ երեքը սէուտցի էին, իսկ միւս երկուքը սուրիացի եւ իրաքցի: Նախապէս հաղորդուեցաւ, որ վեց զինեալներ սպաննուած էին, սակայն բանակը վերատեսութեան ենթարկեց այդ թիւը:
Ձերբակալուած [...]

June 28th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայ Եւ Ազերի Մտաւորականներու Պատուիրակութիւն Մը Կ’այցելէ Արցախ Եւ Երեւան

Հայ Եւ Ազերի Մտաւորականներու Պատուիրակութիւն Մը Կ’այցելէ Արցախ Եւ Երեւան

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «KarabakhOpen», ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Ըստ ԼՂՀ նախագահի մամուլի ծառայութեան տեղեկատուութեան, երէկ նախագահ Արկատի Ղուկասեան ընդունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտաւորականներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեանի եւ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուի գլխաւորութեամբ: Արցախցի մտաւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման մասնակիցները անդրադարձած են հակամարտող կողմերու ժողովուրդներուն եւ հասարակութիւններուն միջեւ երկխօսութեան եւ փոխվստահութեան [...]

June 28th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայ Գիրին Ու Գիրքին Հանդէպ Խորունկ Սէր

Հայ Գիրին Ու Գիրքին Հանդէպ Խորունկ Սէր

29 Յունիս, 1999ին, երեկոյեան ժամը 5:50ին անողոք հիւանդութեան պատճառով, Էջմիածին Մայրավանքին մէջ Գարեգին Ա. Սարգիսեան Ամենայն հայոց 131րդ կաթողիկոսը իր հոգին աւանդեց: Վեհափառ հայրապետը մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ, սակայն իր պայծառ անհատականութեան գիծերը, սրտի խորէն բխած կրակ ու բոց պատգամները, մարդ անհատը մտածել տուող բազմաթիւ յօդուածներն ու գրքերը, 47 տարի հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան նուիրած [...]

June 28th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՉ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Գործադիր Խմբագիր Տակլըս Ֆրանց Հրաժարեցաւ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՉ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ՝ «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Գործադիր Խմբագիր Տակլըս Ֆրանց Հրաժարեցաւ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոս Անճելըս թայմզ»ի թերթը Հինգշաբթի, Յունիս 28ին հաղորդեց, թէ գործադիր խմբագիր Տակլըս Ֆրանց հրաժարած է իր պաշտօնէն, առանց բացայայտելու որոշումին պատճառները:
Ամերիկահայութիւնը Ֆրանցին հրաժարումը պահանջեց անցեալ Ապրիլին, որովհետեւ ան արգելք հանդիսացած էր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին յօդուածի մը լոյս ընծայման:
Օրին, յօդուածին հեղինակը, մրցանակ շահած վեթերան ամերիկահայ լրագրող Մարք Արաքս, նամակ մը ստացած էր [...]

June 28th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ՝ Ռուսիա Կ’որոշէ Կապերը Չխզել «Համաս»ի Հետ

ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ՝ Ռուսիա Կ’որոշէ Կապերը Չխզել «Համաս»ի Հետ

ՄՈՍԿՈՒԱ, ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 28ին յստակացուց, թէ Մոսկուա որոշած է կապերը չխզել պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան հետ, հակառակ այդ կազմակերպութիւնը մեկուսացնելու նպատակով Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու ու կարգ մը եւրոպական երկիրներու բանեցուցած ճնշումներուն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը շեշտեց, թէ կարելի չէ ուրանալ այն իրողութիւնը, որ պաղեստինեան իշխանութեան խորհրդարանին անդամներուն կէսէն աւելին [...]

June 28th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՀԱՐՑԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼԷ ԵՏՔ՝ Թուրքիան Կ’որոշէ Վերադարձնել Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցէն Գրաւուած Անշարժ Գոյքը

ՀԱՐՑԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼԷ ԵՏՔ՝ Թուրքիան Կ’որոշէ Վերադարձնել Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցէն Գրաւուած Անշարժ Գոյքը

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը շատ հաւանաբար Թուրքիոյ դէմ որոշում մը պիտի ընդունէր, Անգարայի իշխանութիւնները Հինգշաբթի, Յունիս 28ին որոշեցին Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հարցով Թուրքիոյ դէմ հարցին դատական քննարկումին չսպասել, «բարեկամաբար» վերադարձնելով հայկական հիւանդանոցի հիմնադրամէն 1998ին գրաւուած անշարժ գոյքը:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի համացանցային կայքը կ’աւելցնէ, թէ Թուրքիա հայկական հիմնադրամին [...]

June 28th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Իրաքի Տարածքին Պայթումներ Եւ Բռնարարքներ 50է Աւելի Զոհ Կը Խլեն ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ ՆԱԵՒ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԵՐԵՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ

Իրաքի Տարածքին Պայթումներ Եւ Բռնարարքներ 50է Աւելի Զոհ Կը Խլեն ԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԻՆ ՆԱԵՒ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԵՐԵՔ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունիս 28ին, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները 50է աւելի զոհեր խլեցին, հարցականի տակ առնելով ապստամբները զսպելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի իշխանութեանց միացեալ ջանքերը:
Յարձակումներուն ամենամահացուն Պաղտատի խճողուած թաղամասերուն մէջ տեղի ունեցաւ, ուր ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը առնուազն 25 զոհ խլեց:
Պաղտատի այլ շրջաններու մէջ յարձակումներ տասը այլ զոհեր խլեցին, մինչ [...]

June 28th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՉԱՒԱԽՔ Քննուած Է Հայերէնին Տարածաշրջանային Լեզուի Կարգավիճակ Տալու Խնդիրը

ՉԱՒԱԽՔ Քննուած Է Հայերէնին Տարածաշրջանային Լեզուի Կարգավիճակ Տալու Խնդիրը

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 28ին Ախալքալաքի մէջ տեղի ունեցած շրջանային ժողովի հերթական նիստին քննուեցաւ հայերէն լեզուին Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուեմօ Քարթիի մէջ վրացերէնին զուգահեռ տարածաշրջանային պետական լեզուի կարգավիճակ տալու խնդիրը:
Ինքնակառավարման խորհուրդի անդամ Դաւիթ Ռստակեանի կողմէ հայոց լեզուին տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ տալու վերաբերեալ առաջադրուած դիմումը՝ ուղղուած վրացական կառավարութեան, ընդունուած է խորհուրդի անդամներուն կողմէ եւ որոշուած է կազմել [...]

June 28th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՊՐԱԶԻԼ, ԷՔՈՒԱՏՈՐ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐԵՑԻՆ «ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ»Ի ԱՌԱՉԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

ՊՐԱԶԻԼ, ԷՔՈՒԱՏՈՐ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՐԵՑԻՆ «ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ»Ի ԱՌԱՉԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

ՔԱՐԱՔԱՍ, «Ռոյթըրզ».- Վենեզուէլլայի մէջ սկսած «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին առաջին հանգրուանի մրցումները եղան անակնկալներով լեցուն:
Վենեզուէլլայի եւ Պոլիվիոյ միջեւ (Ա. խմբակ) մը մրցումին հիւրընկալը եղաւ յառաջացողը, սակայն Պոլիվիա յաջողեցաւ երկու առիթներով հաւասարեցնել մրցումը, որ աւարտեցաւ 2–2 արդիւնքով: Նոյն խմբակին մէջ, աշխարհի մէջ 30րդ դասուած Ուրուկուէյի կազմը Փերուէն (62րդ) 3-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց:
Չորեքշաբթի [...]

June 28th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ԹՈՒՐՔԻԱ Սահմանադրական Ատեանը Հրապարակեց Կիւլը Նախագահ Ընտրելու Գործընթացը Ձախողութեան Մատնած Որոշումին Մանրամասնութիւնները

ԹՈՒՐՔԻԱ Սահմանադրական Ատեանը Հրապարակեց Կիւլը Նախագահ Ընտրելու Գործընթացը Ձախողութեան Մատնած Որոշումին Մանրամասնութիւնները

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը 58 օր ուշացումով Չորեքշաբթի, Յունիս 28ին վերջապէս հրատարակեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար 367 երեսփոխաններու ներկայութիւնը անհրաժեշտ նկատող իր խնդրայարոյց վճռին գրաւոր պատճառաբանութիւնը։ Յիշեցնենք, թէ այս որոշումին հետեւանքով իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ չկրցաւ նախագահ ընտրուիլ, երկիրը առաջնորդելով կանխահաս խորհրդարանական ընտրութիւններու:
Պատճառաբանութեան գլխաւոր քանի [...]

June 28th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

550 Մասնագէտներ Կը Մասնակցին Երկրորդ Միջազգային Բժշկական Համագումարին

550 Մասնագէտներ Կը Մասնակցին Երկրորդ Միջազգային Բժշկական Համագումարին

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունիս 28ին Երեւանի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայաստանի երկրորդ միջազգային բժշկական եռօրեայ համագումարը, որուն կը մասնակցին առողջապահութեան մօտ 550 հայազգի մասնագէտներ, գիտնականներ եւ փորձագէտներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ արտերկրէն:
Համագումարի ընթացքին պիտի քննուին Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարեւոր առողջապահական հարցերը, ներկայացուին առողջապահութեան մօտ 24 ոլորտ ընդգրկող գիտական զեկոյցներ:
Ըստ համագումարի կազմակերպչական յանձնախումբի նախագահ [...]

June 28th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Անորէքսիա (Anorexia)

Անորէքսիա (Anorexia)

Անորէքսիա (Anorexia)
Գիտական անունով անորէքսիա նէրվոսան հոգեկան իրավիճակ մըն է, որ կը նկարագրուի ուտելու անկանոնութեամբ: Այս հիւանդութենէ տառապող անձնաւորութիւնները կը յատկանշուին մարմինի նուազ կշիռքով, մարմինի երեւոյթի աններդաշնակութեամբ, անոր զուգորդուած՝ սարսափելի վախ կշիռք ստանալէն: Այս ենթակաները, որոնք ախտանշուած են հետեւեալ հիւանդութեամբ, ակամայ սովամահութեան, փսխելու եւ չափազանցուած մարզանքի կը դիմեն, նուազեցնելու համար իրենց կշիռքը: Անոնք նաեւ [...]

June 28th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Աւարտեցաւ Յունաստանի Նախագահի Այցը Հայաստան

Աւարտեցաւ Յունաստանի Նախագահի Այցը Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւարտեցաւ Յունաստանի նախագահի եռօրեայ այցը Հայաստան: Երէկ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիասի եւ տիկնոջ՝ Մէյ Փափուլիայի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան փոխվարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեանը, այլ պաշտօնատար անձինք:
Յիշեցնենք, որ Յունաստանի նախագահը Հայաստան այցի ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, վարչապետ Սերժ Սարգսեանի, ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանի եւ Գարեգին [...]

June 28th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Արա Ազատ Պարսումեանի Ցուցահանդէսը

Արա Ազատ Պարսումեանի Ցուցահանդէսը

Մայիս 11ին սկսաւ պոսթընաբնակ Արա Ազատ Պարսումեանի ցուցահանդէսը, Սամըրվիլի (Մէսէչուսէց) մէջ։ Այս հետաքրքրական ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ Յունիս 29։ Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 9ին, կէսօրէ ետք ժամը 5էն սկսեալ։ Մօտաւորապէս երեք ժամուայ ընթացքին, Արա Ազատ Պարսումեան կատարեց իրագործումներ հսկայ պաստառի մը վրայ։
Պէյրութ ծնած, ապա երիտասարդ տարիքէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած եւ Պոսթընի մէջ ուսանած, ան [...]

June 28th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Ատրպէյճան-Իսրայէլ Համագործակցութեան Խորացման Շուրջ

Ատրպէյճան-Իսրայէլ Համագործակցութեան Խորացման Շուրջ

Ատրպէյճան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները Պաքուի արտաքին քաղաքականութեան եւ հակահայ ռազմավարութեան բաղկացուցիչն են: Խնդրի խորքային եւ բազմակողմանի լինելու պատճառով կանգ առնենք հիմնականում լոպպիիստական կապերի զարգացման թեմայի վրայ:
Ատրպեճանական լոպպիինկի թեման ՀՀ պետական եւ անվտանգութեան առումով ուշադրութեան արժանի գործօններից մէկը պէտք է համարել: Եթէ Պաքուին յաջողուի այս կամ այն չափով իր կողմը «գրաւել» հրէական միութիւններին, սա կարող է բազմապատկել [...]

June 28th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՉ

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՉ

Նոյն օրը նախագահ Քոչարեան ընդունեց Ստեփանակերտէն Երեւան ժամանած մշակոյթի եւ գիտութեան հայ եւ ատրպէյճանցի գործիչները, որոնք Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններու միջոցով ստանալով երկու երկիրներու նախագահներու աջակցութիւնը՝ նախաձեռնած էին մէկօրեայ համատեղ այց Ստեփանակերտ-Երեւան-Պաքու երթուղիով:
Նախագահ Քոչարեան ողջունելով անոնց ձեռնարկը ըսաւ, որ շփումներու հաստատումը եւ այդ քայլով իսկ երկու հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը լաւ [...]

June 28th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԱԺը Սկսաւ Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններու Նախագիծի Քննարկումին

ԱԺը Սկսաւ Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններու Նախագիծի Քննարկումին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Երէկ, Յունիս 28ին, խորհրդարանի քննարկման ներկայացուեցաւ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի մասին եւ պետական տուրքի մասին օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծը:
Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի մասին օրէնքի առնչութեամբ կ’առաջարկուի հանրային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան կողմէ օգտագործուող յաճախականութիւններով արգիլել այլ հեռարձակող կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, իսկ օտարերկրեայ լրատուամիջոցի ազգային խմբագրութեան կամ ծառայութեան հաղորդաշարի հաղորդումներու [...]

June 28th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Օտարագիր Հայ Գրողներու Երկրորդ Համաժողովը Հոկտեմբեր 10-17ին

Օտարագիր Հայ Գրողներու Երկրորդ Համաժողովը Հոկտեմբեր 10-17ին

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 10-17ին, տեղի պիտի ունենայ օտարագիր հայ գրողներու երկրորդ համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին երեք տասնեակէ աւելի հայազգի գրողներ Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Լիբանանէն, Իրանէն եւ Թուրքիայէն:
Ըստ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի՝ «Ինքնութիւն եւ գրականութիւն» խորագիրով համաժողովի առաջին չորս օրերը տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ, ապա պիտի շարունակուի Արցախի մէջ: [...]

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Յունաստանի Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Եղեռնի Զոհերուն

Յունաստանի Նախագահը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Եղեռնի Զոհերուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ցեղասպանութեան փաստը շատ բարբարոսական է մարդու իրաւունքների խախտման տեսանկիւնից եւ սեւ գիծ՝ մարդկութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ: Ցեղասպանութեան իրողութիւնն ամենաքիչը պէտք է ճանաչել, պատասխանատուութիւն կրել եւ ներողութիւն խնդրել», Ցեղասպանութեան թանգարանի այցելուներու յուշամատեանին մէջ գրեց եռօրեայ պետական այցով Հայաստան ժամանած Յունաստանի նախագահ Ք. Փափուլիաս, Յունիս 27ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կատարած այցի ժամանակ:
Նախագահի տիկնոջ՝ Մ. Փափուլիայի [...]

June 27th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Նոր Չաստուածները Միշտ Ներկայ

Նոր Չաստուածները Միշտ Ներկայ

Կրկին հրատապ եւ ահազանգաբեր հարցով մը կը գրեմ այս երկտող-նամակս՝ այս անգամ սիրելի ընկերոջս՝ Պօղոս Գուբելեանին յօդուածին առնչութեամբ «Ինչո՞ւ գարուն կեանքերու անտեղի վտանգումը», («Ասպարէզ», Ուրբաթ 22 Յունիս, 2007)։
Մարդկային կեանքի անծայրածիր կրկէսին մէջ, Քրիստոսէն շատ առաջ եւ անկէ 2000 տարի ետքն ալ, տակաւին ներկայ են եւ ողջ-առողջ՝ եօթգլխանի վիշապներն ու դեւերը, որոնք անյագօրէն կը փնտռեն [...]

June 27th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ «ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆ»Ի ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՀԱՍԱՒ

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ «ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆ»Ի ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ՀԱՍԱՒ

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի «Ուիմպըլտըն» մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, 23րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան Երեքշաբթի, Յունիս 26ին ապահովեց երկրորդ հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-3, 6-4, 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր ռուս մրցակիցը՝ Միշա Զւերեւը։
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Երեքշաբթի օրուան մրցումին ընթացքին:

June 27th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Երեւանը Օրական 17 Ժամ Չուր Ունի

Երեւանը Օրական 17 Ժամ Չուր Ունի

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այժմ, Երեւանի բնակչութեան օրական 17 ժամ ջուր կը մատակարարուի, Յունիս 27ի ասուլիսի ընթացքին նշեց «Երեւան ջուր» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Սերժ Պոպոֆ եւ նշեց, որ ընկերութեան նպատակն է մինչեւ 2016 օրական 23 ժամ ջուր մատակարարել:
Ըստ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնի, առաջին անգամ մայրաքաղաքին մէջ յստակ ձեւով կ’արձանագրուի ջրամատակարարման շարունակականութեան տարեկան միջին ցուցանիշը, որ հնարաւոր [...]

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՄԻՆՉ ՔՆՆԻՉՆԵՐ ԱՆԿԱՐՈՂ ԿԸ ՀԱՄԱՐԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ՝ Սինիորա Դէպի Լիբանան ԶԷնք Մաքսանենգելու Յանցանքով Կ’ամբաստանէ Սուրիան

ՄԻՆՉ ՔՆՆԻՉՆԵՐ ԱՆԿԱՐՈՂ ԿԸ ՀԱՄԱՐԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ՝ Սինիորա Դէպի Լիբանան ԶԷնք Մաքսանենգելու Յանցանքով Կ’ամբաստանէ Սուրիան

ՄԱԿ, ՊԷՅՐՈՒԹ, ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսա այցելող Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Չորեքշաբի, Յունիս 27ին դարձեալ Սուրիան ամբաստանեց դէպի Լիբանան զէնքեր եւ զինեալներ մաքսանենգելու յանցանքով, երկրին մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն պատասխանատուն Դամասկոսը նկատելով:
Սինիորա խոստացաւ այս հարցը Արաբական լիկային ուշադրութեան յանձնել:
Յատկանշական է, Երեքշաբթի օր հինգ քննիչներէ կազմուած միջազգային մարմին մը ՄԱԿի [...]

June 27th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ձերբակալուած Է Մայիս 20ի Գիւմրիի Հրացանաձգութեան Մասնակիցներէն Մէկը

Ձերբակալուած Է Մայիս 20ի Գիւմրիի Հրացանաձգութեան Մասնակիցներէն Մէկը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ոստիկանական մարմիններու ձեռնարկած հետախուզական աշխատանքներու արդիւնքով, Յունիս 26ին Գիւմրի վերադառնալու ժամանակ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Մայիս 20ին Գիւմրիի Տէրեան եւ Ղուկասեան փողոցներու խաչմերուկին տեղի ունեցած հրացանաձգութեան մասնակից Թելման Կարապետեանը:
Նշուած դէպքի առթիւ Շիրակի մարզի դատախազութեան յարուցած քրէական գործի նախաքննութեամբ ձեռք բերուած ապացոյցներու հիման վրայ, որոշուած էր Թ. Կարապետեանը մեղադրեալ համարել:
Շիրակի մարզի դատախազութիւնը [...]

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՏՈՔԹ. Յ. ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳ. ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆ

ՏՈՔԹ. Յ. ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳ. ԱՌԱՉՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հիւրաբար շրջանս կը գտնուի Բերիոյ թեմի (Հալէպ, Սուրիա) ազգայիններէն՝ Գաւառական ժողովի ատենապետ տոքթ. Յարութիւն Գաբրիէլեան։
Առաջնորդ սրբազան հօր հրաւէրով, Երեքշաբթի, Յունիս 19ին, տոքթ. Գաբրիէլեան այցելեց Ազգ. առաջնորդարան եւ ներկայ եղաւ Ազգային վարչութեան ժողովին, տեղեկութիւններ փոխանցեց Հալէպի եւ սուրիահայ թեմական, ազգային եւ կրթական ու մշակութային կեանքին մասին։

June 27th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԼՈՆՏՈՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ՝ Արցախի Մասին Դասախօսութիւն

ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԼՈՆՏՈՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻՆ՝ Արցախի Մասին Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լոնտոնի Հայ Դատի գրասենեակին, հետաքրքրական եւ յիշատակելի ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ Մայիս ամսուան ընթացքին, որ ոգեւորեց շրջանի գաղութը։
Հրաւիրուած էր դիւանագէտ եւ Արցախի ազգագրութիւնը ուսումնասիրող Ռոպէր Աւետիսեանը։ Ան յատկապէս հրաւիրուած էր դասախօսելու Արցախի ազգագրութեան մասին՝ հին ժամանակներէն մինչեւ ներկայ օրերը, ինչպէս նաեւ՝ բացատրելու միջոցները, որոնք կը նպաստեն խաղաղ եւ բարգաւաճ հանրապետութիւն մը ունենալու։ Այս ձեռնարկը [...]

June 27th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Ռուսիա Ախալքալաքի Խարիսխը Յանձնեց Վրաստանի

Ռուսիա Ախալքալաքի Խարիսխը Յանձնեց Վրաստանի

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռիա Նովոսթի».- Ռուսական զինուորական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Չորեքշաբթի, Յունիս 27ին Ռուսիա Չաւախքի մէջ գտնուող Ախալքալաքի ռուսական խարիսխը պաշտօնապէս յանձնած է Թիֆլիսի իշխանութիւններուն, շարունակելով այդ երկրին մէջ հաստատուած ռուսական ուժերուն նահանջը:
15,000 զինուորներու համար 1910ին հաստատուած ռազմական խարիսխը, որ ռուսական 62րդ խարիսխն էր, նախավերջին ռուսական կայանն էր Վրաստանի մէջ եւ ռուսական ուժերը արդէն իսկ աշխատանքներ [...]

June 27th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՌՈՒՍԻԱ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԲԱՆԵՑՆԷ ՆԱԹՕ-Ի ՎՐԱՅ

ՌՈՒՍԻԱ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԲԱՆԵՑՆԷ ՆԱԹՕ-Ի ՎՐԱՅ

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ հետ շարք մը կնճռոտ հարցերու վերաբերեալ բանակցութեանց սկզբնաւորութեան, Մոսկուա կոչ ըրաւ ՆԱԹՕի հրամանատարութեան, որ Ռուսիոյ ապահովութեան վնասող քայլերու չդիմէ։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ուաշինկթընի առաջադրած հակահրթիռային վահանի եւ եւ Եւրոպայի մէջ աւանդական ուժերու համաձայնագրին նման հարցերը զգուշաւոր վերաբերումի կը կարօտին։ Ան յայտնեց, որ որեւէ կողմ պէտք չէ դիմէ [...]

June 27th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի 2007ի Ամավերջի Հանդիսութիւն

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի 2007ի Ամավերջի Հանդիսութիւն

Հայ Քոյրերու վարժարանը 2006-2007 տարեշրջանը եւս յաջողութեամբ բոլորեց, իր առաքելութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։
Վարժարանի երեք բաժիններն ալ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ, բոլորեցին իրենց ուսումնական ծրագիրները՝ պատրաստ փոխանցուելու յաջորդ ուսումնական շրջանին։ Անոնք գեղեցիկ հանդիսութիւններով ստացան իրենց վկայականները, հպարտօրէն հարստացնելով Հայ Քոյրերու վարժարանի շրջանաւարտներու ցանկը։
Շաբաթ, 9 Յունիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը, անհաւատալի գեղեցկութեամբ։ Անոնք ներկայացուցին [...]

June 27th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԻՐԱՆՑԻՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՎԱՃԱՌՔԸ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՂ ՕՐԷՆՔԻՆ ԴԷՄ

ԻՐԱՆՑԻՆԵՐ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ՎԱՃԱՌՔԸ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՂ ՕՐԷՆՔԻՆ ԴԷՄ

ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 27ին, տարբեր աղբիւրներու համաձայն 12-19 քարիւղի կայարաններ հրկիզուեցան Իրանի տարածքին եւ յատկապէս Թեհրանի մէջ, Իրանի իշխանութեանց նորագոյն որոշումին դէմ բողոքող քաղաքայիններու կողմէ:
Արդարեւ, Երեքշաբթի գիշեր Իրանի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ, սեփական ինքնաշարժի տէր իւրաքանչիւր իրանցի ամսական միայն 26 կալոն քարիւղ գնելու իրաւունք պիտի ունենայ: Յայտնենք, թէ Իրանի մէջ մէկ [...]

June 27th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԻՐԱՔՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՄԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ

ԻՐԱՔՑԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՄԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Պաղտատի արդարադատական իշխանութիւնները Իրաքի մշակոյթի նախարարին դէմ ահաբեկչութեան ամբաստանութեամբ ձերբակալման հրամանագիր հրապարակած են։
Իրաքի ոստիկանութիւնը գիշերով մուտք գործեց Ասաատ Քամալ Հաշեմիի բնակարանը եւ ձերբակալեց անոր թիկնապահներէն առնուազն վեցը։ Նախարարը ամբաստանուած է Փետրուար 2005ին այլ սիւննի քաղաքագէտի մը երկու զաւակները եւ անոր թիկնապահը սպաննելու հրաման արձակած ըլլալու յանցանքով։
Ոստիկանութիւնը կը [...]

June 27th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիոյ Սպայակոյտի Պետը Դարձեալ Իրաք Ներխուժելու Կարեւորութիւնը Կը Մատնանշէ

Թուրքիոյ Սպայակոյտի Պետը Դարձեալ Իրաք Ներխուժելու Կարեւորութիւնը Կը Մատնանշէ

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Զինուորական խարիսխի մը մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ Եաշար Պիւյիւքանըթ անգամ մը եւս Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յեղափոխականները չէզոքացնելու նպատակով հիւսիսային Իրաք ներխուժելու կարեւորութիւնը շեշտեց, յաւելեալ ճնշում բանեցնելով վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան վրայ:
Սպայակոյտի պետը միաժամանակ շեշտեց, թէ նման գործողութեան մը համար հարկաւոր է քաղաքական որոշում մը եւ աւելցուց, [...]

June 27th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Անդրանիկ Պատարագ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն Մատրան Մէջ

Անդրանիկ Պատարագ՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն Մատրան Մէջ

Ազգային առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի մատրան նաւակատիքին՝ Ս. Տրդատ թագաւորի եւ Ս. Աշխէն թագուհիի անուանակոչութեան օրը, Շաբաթ, 30 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6։30ին։
Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։
Ս. Պատարագին կարելի պիտի ըլլայ ուղղակի հետեւիլ առաջնորդարանի կողքին գտնուող [...]

June 27th, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԱՄՆի Ժամանակաւոր Հաւատարմար Ռ. Փերինան Հայաստան Կը Ժամանէ Յուլիս 10ին

ԱՄՆի Ժամանակաւոր Հաւատարմար Ռ. Փերինան Հայաստան Կը Ժամանէ Յուլիս 10ին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 10ին Հայաստան պիտի ժամանէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ռուտոլֆ Փերինան: Այս մասին Յունիս 27ին յայտնեց Երեւանի մէջ ԱՄՆի դեսպանատան հանրային կապերու պատասխանատու Թոմ Միտնախթը:
«Ռուտոլֆ Փերինան Հայաստան կը ժամանի Յուլիսի 10ին: Նա ունի դեսպանի աստիճան, եղել է ԱՄՆի դեսպանը Մոլտովայում, սակայն Հայաստան է գալիս ոչ թէ որպէս դեսպան, այլ [...]

June 27th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Աւարտեցաւ «Երեւան-Ստեփանակերտ-Երեւան» 5րդ Հեծելարշաւը

Աւարտեցաւ «Երեւան-Ստեփանակերտ-Երեւան» 5րդ Հեծելարշաւը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունիս 27ին աւարտեցաւ «Armenian Technology Group» (ATG) հիմնադրամի կազմակերպած «Երեւան-Ստեփանակերտ-Երեւան» ամէնամեայ հինգերորդ հեծելարշաւը: Յունիս 21ին սկսած 7օրեայ արշաւին մասնակցեցան 18 հեծանուորդներ, որոնցմէ 9ը՝ Միացեալ Նահանգներէն:
Ըստ «Armenian Technology Group» հիմնադրամի ամերիկեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Ժան-Վարուժ Միքայէլեանի, հեծելարշաւը կը կազմակերպուի բարեգործական նպատակով եւ հաւաքուած դրամով (35 հազար տոլար) պիտի գնուին քանի մը գիւղատնտեսական [...]

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ալ. Արզումանեանի Արգելափակումը 2 Ամիսով Երկարաձգելու Պահանջ

Ալ. Արզումանեանի Արգելափակումը 2 Ամիսով Երկարաձգելու Պահանջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Յունիս 27ին դիմած է Երեւանի Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու առաջին ատեանի դատարան՝ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալեքսանդր Արզումանեանի արգելափակումը երկու ամիսով երկարաձգելու պահանջով:
Յիշեցնենք, որ Ա. Արզումանեան կը մեղադրուի դրամ «լուալու» յանցանքով:

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ազգային Թաղում Բազմավաստակ Ազգ. Գործիչ Միսաք Արզումանեանի

Ազգային Թաղում Բազմավաստակ Ազգ. Գործիչ Միսաք Արզումանեանի

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը եւ յարակից մարմինները խոր ցաւով կը գուժեն բազմավաստակ ազգային գործիչ տոքթ. Միսաք Արզումանեանի մահը։
Տոքթ. Միսաք Արզումանեան աւելի քան 40 տարիներու հանրային ծառայութեան վաստակ մը կը թողու իր ետին։ Ան մասնակցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ [...]

June 27th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Գումարուեցաւ Ազգային Ժողովի Արտահերթ Նստաշրջան

Գումարուեցաւ Ազգային Ժողովի Արտահերթ Նստաշրջան

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունիս 27ին նախագահի նախաձեռնութեամբ գումարուեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նստաշրջան: Օրակարգին դրուած են առաջին եւ երկրորդ ընթերցումներով քննարկման ենթակայ 4 օրինագիծեր եւ 1 օրէնսդրական փաթեթ:
ԱԺի որոշումով, նախագիծերու երկրորդ ընթերցումը տեղի պիտի ունենայ առաջին ընթերցումէն յետոյ 24 ժամուան ընթացքին:

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» Շքանշաններ Մշակոյթի Գործիչներուն

«Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» Շքանշաններ Մշակոյթի Գործիչներուն

ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Յունիս 15ին Ս. Էջմիածինի վեհարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ Ռուբէն Մաթեւոսեանի եւ Սվեթլանա Գրիգորեանի հետ միասին, «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան յանձնուեցաւ գրող, հրապարակախօս Պերճ Զէյթունցեանին:
Մրցանակի տուչութեան ժամանակ կարդացուեցաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի կոնդակը, ուր ըսուած էր. «Յարգարժան պարոն Զէյթունցեան, տաղանդաւոր հայորդուդ անունն ու գրական գործունէութիւնը հանրաճանաչ են ընթերցասէր լայն շրջանակներում: Դուք [...]

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

«Ոսկէ Կիթառ» Երգի Փառատօնի 2րդ Փուլը Յունիս 29-30ին

«Ոսկէ Կիթառ» Երգի Փառատօնի 2րդ Փուլը Յունիս 29-30ին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 29-30ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ոսկէ կիթառ» հեղինակային երգի փառատօնի երկրորդ փուլը: Այս մասին յայտնեց մշակոյթի նախարարութեան համապատասխան մասնագէտներէն Արմինէ Ղազարեան եւ նշեց, որ փառատօնը կը վերականգնէ 80ականներուն Եղէգնաձորի մէջ պարբերաբար կազմակերպուող հեղինակային երգի փառատօնի աւանդութիւնը:
Յայտնենք, որ փառատօնի առաջին փուլը կազմակերպուած էր Յունիս 22-24ին, Դիլիջանի մէջ, ուր մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած [...]

June 27th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետը Փոփոխութիւններ Կը Խոստանայ ՊԼԷՐ ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔԱՌԵԱԿԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ

Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետը Փոփոխութիւններ Կը Խոստանայ ՊԼԷՐ ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔԱՌԵԱԿԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 27ին, Էլիզապէթ Բ. թագուհին երկրին յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու պատասխանատուութիւնը պաշտօնապէս յանձնեց նախորդ վարչապետ Թոնի Պլէրի կառավարութեան ելեւմուտքի նախարար Կորտըն Պրաունին, որ խոստացաւ կազմել «նոր կառավարութիւն մը, նոր նախապատուութիւններով»:
Պլէր աւելի կանուխ իր հրաժարականը յանձնած էր թագուհիին, վերջակէտ մը դնելով իր տասնամեայ իշխանութեան:
56ամեայ Պրաուն, որ սկովտիացի մըն է, Պլէրի մօտիկ գործակից [...]

June 27th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Բռնագրաւեալ Երկրի, Դեռ Հոն Ապրող Մնացորդացի Եւ Մեր Մասին

Բռնագրաւեալ Երկրի, Դեռ Հոն Ապրող Մնացորդացի Եւ Մեր Մասին

Միջազգային քաղաքական կեանքի հոլովոյթը արագացած է: Սերպիոյ կառավարութիւնը շահախնդրութեամբ բարիկամեցողութիւն ցուցաբերեց, Միջագային պատժական դատարանին յանձնելով ցեղասպանութեան յանցանքով ամբաստանեալ մը, որպէսզի իր առջեւ բացուին Եւրոմիութեան դուռները: Թուրքիա Եւրոմիութիւն մուտքի գծով յաջողութիւններ կ’արձանագրէ, որոնցմէ յատկանշականը Հռոմի քահանայապետին դրական արտայայտութիւնն է, որ տրամագծօրէն հակառակ է անոր բուռն ընդդիմութեան, երբ դեռ Ծիրանաւոր Ռացինկըր էր: Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը, իր կարգին, [...]

June 27th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՓՈՒԹԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԵԼՈՒ ԸՆՏՐԱՆՔԸ

ՓՈՒԹԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ ՇՆՈՐՀԵԼՈՒ ԸՆՏՐԱՆՔԸ

ԶԱՂՐԷՊ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի, Յունիս 25ին վերահաստատեց Քոսովոյի անկախութեան նկատմամբ իր երկրին մերժողական կեցուածքը: Ան յայտնեց, որ Մոսկուայի այս կեցուածքը «հիմնուած է օրէնքին եւ կայունութեան հանդէպ փափաքին վրայ»:
Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրէպի մէջ ուժանիւթի հարցերու քննարկման վերաբերող ժողովի մը աւարտին Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչի հետ հանդիպումին ընթացքին, Փութին յայտնեց, որ «մեր կեցուածքը յարանուանական, [...]

June 26th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄԻՆՉ ՌԱՅՍ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆԻԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Սպանացի Խաղաղապահ Զինուորներու Սպանութեան Հետաքննութիւնը Կը Սկսի

ՄԻՆՉ ՌԱՅՍ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆԻԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Սպանացի Խաղաղապահ Զինուորներու Սպանութեան Հետաքննութիւնը Կը Սկսի

ՓԱՐԻԶ, ՄԱՏՐԻՏ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունիս 26ին, Սպանիա պետական թաղման արարողութեամբ հողին յանձնեց հարաւային Լիբանանի մէջ սպաննուած վեց զինուորներ, որոնք մաս կը կազմէին Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին:
Սպանիոյ իշխանութիւնները արդէն իսկ սկսած են հետախուզութեանց, բացայայտելու համար ահաբեկչական արարքին պատասխանատուները, մինչ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Միկէլ Անխէլ Մորաթինոս Երեքշաբթի օր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր [...]

June 26th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄԻՆՉ ԶԱՈՒԱՀԻՐԻ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ «ՀԱՄԱՍ»ԻՆ ՄԱԿը Եւ Եւրոմիութիւնը Կազայի Մէջ Մարդկային Տագնապի Մը Առաջքը Առնելու Կոչ Կ’ընեն

ՄԻՆՉ ԶԱՈՒԱՀԻՐԻ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ «ՀԱՄԱՍ»ԻՆ ՄԱԿը Եւ Եւրոմիութիւնը Կազայի Մէջ Մարդկային Տագնապի Մը Առաջքը Առնելու Կոչ Կ’ընեն

ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունիս 26ին, ՄԱԿի մարդասիրական աշխատանքներու պատասխանատուները հաղորդեցին, թէ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին Կազայի մէջ ուտեստեղէնի անմիջական օժանդակութեանց կարօտ պաղեստինցիներուն թիւը 275,000էն բարձրացած է մօտաւորապէս 400,000ի եւ անոնց թիւը աստիճանաբար կը շարունակէ աճիլ, շրջափակումին եւ տիրող անապահով կացութեան հետեւանքով: Անոնք շեշտեցին, թէ միջազգային համայնքը պէտք է օժանդակութեան հասնի պաղեստինցիներուն, մարդկային տագնապի մը առաջքը [...]

June 26th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Վրաստանի Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Թուրք—Մցխէթցիներու Հայրենադարձութեան Օրինագիծը

Վրաստանի Խորհրդարանը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Թուրք—Մցխէթցիներու Հայրենադարձութեան Օրինագիծը

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Յունիս 22ին Վրաստանի խորհրդարանը առաջին ընթերցումով 134 թեր եւ 14 դէմ ձայներով ընդունեց թուրք-մցխէթցիներու հայրենադարձութեան օրինագիծը: Օրինագիծով, Վրաստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ընդունիլ թուրք-մցխէթցիները, որոնք 40ական թուականներուն արտաքսուած էին Վրաստանէն, եւ կը հաստատէ հայրենադարձի կարգավիճակ տալու ընթացակարգը: Օրինագիծի քուէարկութիւնը կայացաւ շարք մը ընդդիմադիր պատգամաւորներու բացակայութեան, որոնք ի նշան բողոքի դուրս եկած են նիստերու դահլիճէն:
[...]

June 26th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Վ. Սարգսեան Ռազմական Դպրոցի 8րդ Շրջանաւարտները Մտան Բանակ

Վ. Սարգսեան Ռազմական Դպրոցի 8րդ Շրջանաւարտները Մտան Բանակ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտպանութեան նախարարութեան Վ. Սարգսեանի անուան պետական ռազմական հիմնարկը Յունիս 26ին վկայականներ եւ սպայական կոչումներ շնորհեց զինուորական վարժարանի 8րդ շրջանաւարտներուն:
Բանակի գլխաւոր սպայակոյտի պետ Սէյրան Օհանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայոց բանակը, իւրաքանչիւր տարի օժտուելով բանիմաց եւ արհեստավարժ սպաներով, արդէն կայացած է. «Որպէս տարածաշրջանում հայ ժողովրդի անդորրը պահպանող անյաղթելի ուժ» եւ այս հաստատութեան [...]

June 26th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀՈԼԱՆՏԱ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱԿԸ

ՀՈԼԱՆՏԱ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՑ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱԿԸ

ԿՐՈՆԻՆԿԸՆ, Հոլանտա, «Ռոյթըրզ».- «Եուէֆա»ի կազմակերպած Եւրոպայի ֆութպոլի երիտասարդական (21 տարեկանը չբոլորած) ազգային խումբերու ախոյեանութեան աւարտախաղերը Շաբաթ, Յունիս 23ին աւարտեցան, հիւրընկալ խումբին՝ Հոլանտայի յաղթանակով:
Արդարեւ, Հոլանտայի կազմը աւարտական մրցումին 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սերպիոյ դէմ, յաջորդական երկրորդ անգամ ըլլալով բարձրացնելով մրցաշարքին բաժակը:
Նկարին մէջ, յաղթական խումբին մարզիները օդը կը նետեն իրենց մարզիչը:

June 26th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

Հանդիպում Ծերակուտական Պայտընի Հետ

Հանդիպում Ծերակուտական Պայտընի Հետ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Քաղաքական աշխատանքի յանձնախումբը Յունիս 24ին, Լոս Անճելըսի մէջ, տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ եւ նախագահական հաւանական թեկնածու Ճոզէֆ Պայտընի (Դեմոկրատ) հետ:
Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Զանգու Արմէնեան տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, թէ Պայտըն երկարամեայ անցեալ ունի իր հայամէտ դիրքորոշումներով եւ թէ ան կ’ըմբռնէ Հայաստանի ռազմավարական արժէքը, ինչպէս [...]

June 26th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստանի Եւ Յունաստանի Նախագահները Քննեցին Հայ-Յունական Յարաբերութիւնները

Հայաստանի Եւ Յունաստանի Նախագահները Քննեցին Հայ-Յունական Յարաբերութիւնները

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրաւէրով, երէկ եռօրեայ պետական այցով Հայաստան ժամանեց Յունաստանի նախագահ Քարլոս Փափուլիաս՝ տիկնոջ՝ Մէյ Փափուլիայի հետ:
Նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան հիւրի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նախագահներու առանձնազրոյցը:
Երկու երկիրներու ղեկավարները քննեցին հայ-յունական յարաբերութիւններու ամբողջական համայնապատկերը, անդրադարձան եւրոկառոյցներու ծիրէն ներս գործակցութեան, տարածաշրջանային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ կարծիքներ [...]

June 26th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստանի Կառավարութիւնը Երկրորդ Հիւլէակայան Կառուցելու Մտադրութիւն Ունի

Հայաստանի Կառավարութիւնը Երկրորդ Հիւլէակայան Կառուցելու Մտադրութիւն Ունի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Կառավարութիւնը մտադրութիւն ունի Հայաստանում երկրորդ հիւլէակայանը կառուցելու, բայց այս մտադրութիւնը դեռեւս սաղմնային վիճակում է, որովհետեւ յայտնի չեն ֆինանսական աղբիւրները, արհեստագիտութիւնները, պայմանները: Բայց որ Հայաստանում մշտապէս պէտք է հիւլէական ուժանիւթ ստացուի՝ սա իմ համոզմունքն է», Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց վարչապետ Սերժ Սարգսեան՝ պատասխանելով պատգամաւոր Արթուր Բաղդասարեանի՝ նոր հիւլէակայան կառուցելու կառավարութեան դիրքորոշման մասին հարցումին:

June 26th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԷՆ «Ձուկ Չենք Տար… Կը Սորվեցնենք Ինչպէ՛ս Ձուկ Որսալ»

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԷՆ «Ձուկ Չենք Տար… Կը Սորվեցնենք Ինչպէ՛ս Ձուկ Որսալ»

Վերջերս Երեւան էի։ Բոլորովին պատահաբար ձեռքս անցաւ «Շրջադարձ» անունով ամսաթերթ մը, որու խորագրին ճիշդ տակը գրուած էին վեց անուններ՝ Արգինա, Շէնիկ, Միասնիկեան, Քարակերտ, Դալարիկ, Լեռնագոգ։ Այս անուններուն տակ կը նշուէր, թէ «Շրջադարձ»ը Գիւղերու համայնքային ամսաթերթ է։
Անկեղծօրէն ըսեմ, որ հակառակ բաւական անգամներ Հայաստան գտնուած ըլլալուս, չէի լսած այս գիւղերէն եւ ոչ մէկուն անունը։ Շատ հետաքրքրական [...]

June 26th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՆԴԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ-ԹԻՒ17 – Հիմա մեռած ես, ցաւ չունիս, վախ չունիս: Խօսէ ուզածդ: Ես կը գրեմ:

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՆԴԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ-ԹԻՒ17 – Հիմա մեռած ես, ցաւ չունիս, վախ չունիս: Խօսէ ուզածդ: Ես կը գրեմ:

Տասը տարեկանիս նախակրթարանի դասարանիս առաջինն էի. մայրիկս շատ հպարտ էր ինձմով:
Տասնութ տարեկանիս հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով կրնայի արտայայտուիլ եւ միտքս բացատրել. դասընկերներս նախանձով կը դիտէին զիս:
Քսաներեք տարեկանիս գիտցած լեզուներովս կրնայի նամակներ շարադրել, առեւտրական կամ սիրային, հիացնելով վաճառականներ եւ օրիորդներ:
Քսանեօթը տարեկանիս որեւէ արհեստի գաղտնիքները գիտէի, զարմացնելով շրջապատիս վարպետները, առանց արհեստաւոր մը [...]

June 26th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՇՈՒՈՅՆ ԼՐՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵԳԻՊՏԱՑԻՆ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԱՇՈՒՈՅՆ ԼՐՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵԳԻՊՏԱՑԻՆ ՑԿԵԱՆՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ

ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի պետական բարձրագոյն դատարանը Երկուշաբթի, Յունիս 25ին եգիպտացի ճարտարապետ Մուհամմատ Սիտ Սապէրը դատապարտեց ցկեանս բանտարկութեան՝ զինք ամբաստանելով Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսած եւ անոր Եգիպտոսի հիւլէական գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցած ըլլալուն համար։
Դատարանը յայտնեց, որ 35ամեայ Սապէր Փետրուար 2006էն Փետրուար 2007 երկարող ժամանակաշրջանին գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ին, 17 հազար տոլար գումարի [...]

June 26th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիա Դժգոհ Է Բանակցութեանց Մէկ Մասը Չսկսելու Եւրոմիութեան Որոշումէն

Թուրքիա Դժգոհ Է Բանակցութեանց Մէկ Մասը Չսկսելու Եւրոմիութեան Որոշումէն

ԱՆԳԱՐԱ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Պի.Պի.Սի.».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեքշաբթի, Յունիս 26ին հաղորդեց, թէ Անգարա դժգոհ է Եւրոպական միութեան հետ անդամակցութեան բանակցութեանց տնտեսական եւ դրամական քաղաքականութեան առնչուող թղթածրարը չբանալու Եւրոմիութեան Երկուշաբթի օրուան որոշումէն, անբաւարար համարելով այդ կապակցութեամբ Թուրքիոյ դիւանագէտներուն փոխանցուած պատճառաբանութիւնները:
Ֆրանսական ճնշումներուն տեղի տալով, Եւրոպական միութիւնը Երկուշաբթի օր որոշած էր չբանալ այդ թղթածրարը, հարուած մը եւս [...]

June 26th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Այսօր Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Հարցով Հեռաձայնային Արշաւի Օրն Է

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ Այսօր Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Հարցով Հեռաձայնային Արշաւի Օրն Է

Այս օրերուն, Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարժողական ծրագիրին կը հետեւին խումբ մը երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք քանի մը օր առաջ ներկայ եղան Քոնկրէսի պէյսպոլի 46րդ տարեկան մրցումին: Այս առիթով, հայ տղաքը առիթը ունեցան տեսակցելու եւ խօսելու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ շարք մը այլ քոնկրէսականներու հետ: Նկարին մէջ, Փելոսի եւ Րաֆֆի [...]

June 26th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Արեւմտահայաստանը՝ Լեւոն Թաշճեանի Ոսպնեակով

Արեւմտահայաստանը՝ Լեւոն Թաշճեանի Ոսպնեակով

Վերջերս, Ազգ. առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ լուսանկարիչ Լեւոն Թաշճեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էր առաւելաբար որբացած Արեւմտահայաստանը:
Լեւոն Թաշճեան, նախկին մարզիկ, քանի մը տարի առաջ Լիբանանի Այնճար աւանէն քալելով իւրայատուկ ուխտագնացութիւն մը կատարած էր դէպի իր պապերուն ծննդավայրը՝ Մուսա լեռ, որ այժմ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս է, Անտիոքի մօտ:
Ան շրջած է նաեւ Արեւմտահայաստան [...]

June 26th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԱԺը Վաւերացուց Կառավարութեան Ծրագիրը

ԱԺը Վաւերացուց Կառավարութեան Ծրագիրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Երէկ Ազգային ժողովը 94 թեր, 7 դէմ եւ 9 ձեռնպահ ձայներով հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան ծրագիրին: Դեմ քուէարկեցին «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները, իսկ «Օրինաց երկիր»ի անդամները ձեռնպահ մնացին:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Ներկայացնելով կառավարութեան ծրագիրը՝ վարչապետը նշեց, որ ան նպատակային բնոյթ ունի եւ ուղղուած է գերակայ խնդիրներու լուծումին, որ իր հերթին կ’ապահովէ [...]

June 26th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

«Մայքրոսոֆթ»ի Հետ Կնքուած Համաձայնագիր

«Մայքրոսոֆթ»ի Հետ Կնքուած Համաձայնագիր

ՀՀ կառավարութիւնը ամիսներ առաջ, համատեղ նախաձեռնութեամբ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան հետ համաձայնագիր կնքեց, Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով։ Ստորագրուած համաձայնագիրը կարեւոր փաստաթուղթ է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան համար։ Յիշեալ ընկերութիւնը ապահովեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու հարցը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու ընդհանրապէս հասարակութիւնը՝ օգտուիլ այն հնարաւորութիւններէն, որ կը տրամադրէ «Մայքրոսոֆթ»ը։
Համաձայնագրի մէջ ներառուած են աւելի քան [...]

June 26th, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

«Արարատ» Դրամատունը Եւ «Իզմիրլեան» Հիմնադրամը Կը Գործակցին

«Արարատ» Դրամատունը Եւ «Իզմիրլեան» Հիմնադրամը Կը Գործակցին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արարատ» դրամատան եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի միջեւ Յունիս 26ին ստորագրուեցաւ վարկային համաֆինանսաւորման պայմանագիր, որ Հայաստանի հաստատութիւններուն հնարաւորութիւն պիտի տայ 5 տարուան ժամկէտով եւ 14 տոկոս տոկոսով վարկեր ստանալ:
Պայմանագիրի ստորագրումէն յետոյ դրամատան վարչութեան նախագահ Աշոտ Օսիպեան նշեց, որ ծրագիրի ընդհանուր ծաւալը 4 միլիոն տոլար է:

June 26th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

«ԱՍՊԱՐԷԶ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՊԱՏՈՒԱՐԺԱՆ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

«ԱՍՊԱՐԷԶ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՊԱՏՈՒԱՐԺԱՆ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

«Ասպարէզ» օրաթերթի Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2007ի թիւին մէջ լոյս տեսած էր Մարօ Քէշիշեանի գրութիւնը, եղբ. Նիկոլ Արզումանեանը 2007 թուականի տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտրուելուն առիթով: Ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.ական, ես ալ կը շնորհաւորեմ իր տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտրուիլը:
Այդ յօդուածին մէջ գրուած է՝ «Այդ տարիներուն Պաղտատի մէջ հայկական վարժարան գոյութիւն չունենալով, եղբայրը հայերէն գրել ու կարդալը սորված է Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարքերէն [...]

June 26th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն Բանակցութիւնները Նոր Արգելքի Մը Կը Բախին

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն Բանակցութիւնները Նոր Արգելքի Մը Կը Բախին

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսական ճնշումներուն տեղի տալով, Եւրոպական միութիւնը Երկուշաբթի, Յունիս 25ին որոշեց չբանալ Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութեան տնտեսական եւ դրական քաղաքականութեան առնչուող թղթածրարը, հարուած մը եւս հասցնելով արագօրէն Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալու Անգարայի փորձերուն:
Եւրոպացի դիւանագէտներ կը յայտնեն, թէ այս որոշումը հաւանաբար աւելի եւս պիտի սրէ Ֆրանսա-Թուրքիա լարուածութիւնը:
Ֆրանսայի իշխանութիւնները Երկուշաբթի օր այս կապակցութեամբ յայտարարութիւն [...]

June 25th, 2007

| Posted in Լուրեր | Read More »

Շարք Մը Յարձակումներ Առնուազն 50 Զոհ Կը Խլեն Իրաքի Տարածքին

Շարք Մը Յարձակումներ Առնուազն 50 Զոհ Կը Խլեն Իրաքի Տարածքին

ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունիս 25ին, Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած շարք մը անձնասպանական յարձակումներ եւ ականուած ինքնաշարժներու պայթումներ առնուազն 50 զոհ խլեցին:
Ամենայատկանշական յարձակումին թիրախը Պաղտատի «Մանսուր» պանդոկն էր, ուր հաստատուած է Իրաքի մօտ Չինաստանի դեսպանը, ինչպէս նաեւ օտար լրատու գործակալութեանց մեծ թիւով պաշտօնեաներ:
Սակայն կը կարծուի, թէ յարձակումին գլխաւորը թիրախը Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցող սիւննի [...]

June 25th, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քննուած Են Հայկական Երաժշտարուեստի Զարգացման Նուիրուած Հարցեր

Քննուած Են Հայկական Երաժշտարուեստի Զարգացման Նուիրուած Հարցեր

ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 23-24ին Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի երաժշտական արուեստի խնդիրներուն եւ ոլորտի զարգացման հեռանկարներուն նուիրուած խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան ոլորտը կազմակերպող եւ կարգաւորող մասնագէտներ:
Խորհրդաժողովի բացման ընթացքին նախագահի խորհրդական, նախագահին առընթեր մշակոյթի հարցերու խորհուրդի համակարգող Սէյրան Աւագեան ըսաւ, որ այս քննարկումները հնարաւորութիւն կու տան արծարծելու այն բոլոր յուզող եւ գերակայ խնդիրները, որոնք մեծ նշանակութիւն [...]

June 25th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Երիտասարդները՝ Թմրամոլութեան Ռիսքային Խումբ

Երիտասարդները՝ Թմրամոլութեան Ռիսքային Խումբ

Ըստ «Հայաստանի երիտասարդութեան ազգային զեկոյցի» տուեալների՝ փորձագիտական գնահատումը ցոյց է տալիս, որ վերջին տասը տարիների ընթացքում մեր երկրում դիտւում է թմրամիջոցների եւ հոգեմէտ նիւթերի, ինչպէս նաեւ ծխախոտի ու ալքոհոլի օգտագործման աճի միտում, յատկապէս երիտասարդութեան շրջանում, ինչը շատ մտահոգիչ է: Աւելի մտահոգիչ է այն փաստը, որ առողջապահութեան նախարարութեան հոգեբուժական բժշկական կենտրոնի նարկոլոկիական կլինիկայում այս պահի դրութեամբ [...]

June 25th, 2007

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Փլուզած Է Արցախի Հիլիս Չրամբարը

Փլուզած Է Արցախի Հիլիս Չրամբարը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս» ԼՂՀ Ասկերանի շրջանին մէջ Յունիս 24ի երեկոյեան տեղի ունեցած է արտակարգ արկած մը: Հիլիսի 3 միլիոն խորանարդ մեթր տարողութեամբ ջրամբարի փլուզման պատճառով, շրջանի Նորագիւղի եւ Իւանեան գիւղերը ողողուած են, քանդուած են բնակելի տուներ եւ խաղողի այգիներ:
Ահազանգ ստանալով, օգնութեան հասած են փրկարարները եւ ոստիկանութիւնը. դէպքի վայր ժամանած են նաեւ գործադիր իշխանութեան եւ տեղական [...]

June 25th, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »