Home » July 31st, 2007Entries posted on “July, 2007”

Նախկին Բանտապետը Ձերբակալուած Է

Նախկին Բանտապետը Ձերբակալուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արամ Աբրահամեանէն ստացուած նամակի եւ Հայաստանի քաղաքացի Ռուբիկ Սիմոնեանի գրաւոր յայտարարութեան հիման վրայ, գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան նիւթերով պարզուած է, որ Յունիս 27ին, Մոսկուայի մէջ բռնութեան եւ սպանութեան սպառնալիքներով, շահադիտական դրդումներով գործադրուած է Ռուբիկ Սիմոնեանի առեւանգումը՝ որպէս փրկագին պահանջելով նախ 500,000, ապա՝ 300,000 տոլար: Փրկագինը ստանալու համար նախկին բանտապետ [...]

July 31st, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ Հայաստանի Ըմբիշները Նուաճեցին 2 Պրոնզէ Մետալներ

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ Հայաստանի Ըմբիշները Նուաճեցին 2 Պրոնզէ Մետալներ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարշաւիոյ մէջ աւարտած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի 2 ըմբիշներ՝ 50 քիլոկրամ ծանրութեամբ Պօղոս Ասլանեանը եւ 54 քիլոկրամ ծանրութեամբ Գէորգ Գէորգեան նուաճած են պրոնզէ մետալներ:
Հայաստանի եւս մէկ մարզիկ՝ Գէորգ Սահակեանը, գրաւած է 5րդ դիրքը:

July 31st, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Երբ Շտապօգնութիւնը Այնքան Էլ Շտապ Չի Ժամանում

Երբ Շտապօգնութիւնը Այնքան Էլ Շտապ Չի Ժամանում

Օրերս ականատես եղանք հերթական դէպքի, երբ շտապօգնութեան մեքենան բաւական չէ՝ տեղ է հասնում ուշացումով, նաեւ հրաժարւում է հիւանդին տեղափոխել հիւանդանոց։
Յուլիսի 24ին Աբովեան փողոցում՝ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակի հարեւանութեամբ, հանդիպեցինք շտապօգնութեան մեքենայի: Բուժքոյրերը զրուցում էին ամառային հին վերնաշապիկ, գունաթափ կիսաանդրավարտիք եւ ձմեռային հողաթափեր հագած մի հիւծուած, ծեր մարդու հետ: Ենթադրեցինք, որ նա այդ փողոցի բնակիչ է, [...]

July 31st, 2007

| Posted in Uncategorized | Read More »

ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ Ամերիկա Զգալիօրէն Կ’աւելցնէ Իր Դաշնակիցներուն Զինուորական Օժանդակութիւնները

ՄԻՉԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ Ամերիկա Զգալիօրէն Կ’աւելցնէ Իր Դաշնակիցներուն Զինուորական Օժանդակութիւնները

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յուլիս 30ին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս յայտարարեց, է Ուաշինկթըն որոշած է զգալիօրէն աւելցնել Միջին Արեւելքի մէջ իր դաշնակիցներուն շնորհուող զինուորական օժանդակութիւնները, «չափաւորական ուժերը զօրացնելու» եւ դէմ դնելու համար ««Քայիտա»ի, «Հըզպալլա»ի, Սուրիոյ եւ Իրանի բացասական ազդեցութեան»:
Իբրեւ օրինակ, Ռայս յայտնեց, թէ Իսրայէլ եւ Եգիպտոս յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին յաջորդաբար [...]

July 31st, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Արդէն Քննած է Հայաստանէն Ներկայացուած 6-7 Գործեր

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Արդէն Քննած է Հայաստանէն Ներկայացուած 6-7 Գործեր

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ յառաջիկային կը սպասուին որոշումներ Հայաստանէն ներկայացուած 6-7 գործերու առնչութեամբ: Այս մասին յայտնեց արդարադատութեան փոխնախարար, մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեան եւ նշեց, որ արդէն յիշեալ դատական գործերու քննութեան ընթացակարգերը սպառած են եւ դատարանի որոշումներուն կը սպասեն «Ա1 »ի երկու, «Նոյեան տապան»ի եւ քանի մը [...]

July 31st, 2007

| Posted in Հայաստան | Read More »

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Ազգ. Առաջնորդարան Այցելութիւնը

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Ազգ. Առաջնորդարան Այցելութիւնը

Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Ուրբաթ, 27 Յուլիսին այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին կողմէ։ Այս միութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը նախկին իրաքահայեր են։
Ներկայացուցիչները առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեցին Ազգ. առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքին համար ու ծանօթացան անոր յարկին տակ տարուող աշխատանքներուն։ Անոնք առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեցին միութեան 15ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 24 [...]

July 31st, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՔԱՆԱՏԱ Հայաստանի Մէջ Չքաւորութեան Վերացման Ծրագիրը Քննեցին Հայ Դատի Գրասենեակը Եւ CIDA-ի Ներկայացուցիչները

ՔԱՆԱՏԱ Հայաստանի Մէջ Չքաւորութեան Վերացման Ծրագիրը Քննեցին Հայ Դատի Գրասենեակը Եւ CIDA-ի Ներկայացուցիչները

26 Յուլիսին, CIDA-ի (Canadian International Development Agency) երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Կաթինոյի (Քեպէք) իրենց նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցան Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Արիս Պապիկեանի հետ եւ միասնաբար արծարծեցին՝ կովկասեան երկիրներու մէջ քանատական յիշեալ կազմակերպութեան վերջին չորս տարուան գործունէութեան կապուած հարցեր:
90 վայրկեան տեւած հանդիպումին ընթացքին, CIDA-ի ներկայացուցիչները անդրադարձան Կովկասի մէջ Քանատայի հետապնդած նպատակներուն եւ յայտնեցին, [...]

July 31st, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Տոքթ. Հենրի Ասթարճեանի Struggle for Kirkuk Գիրքը Մեծ Հետաքրքրութիւն Կը Ստեղծէ

Տոքթ. Հենրի Ասթարճեանի Struggle for Kirkuk Գիրքը Մեծ Հետաքրքրութիւն Կը Ստեղծէ

Այս օրերուն, քաղաքական անցուդարձերուն առիւծի բաժինը խլած է Իրաքը։ Սեւ ոսկին այնքան մը արիւն եւ մելան կը հոսեցնէ, որ բազմաթիւ լրագրողներ, պատմաբաններ եւ մասնագէտներ իրենց աչքը կեդրոնացուցած են այս պատմական Միջագետքի շրջանին վրայ։
Չիղերու մասնագէտ տոքթ. Հենրի Ասթարճեան 1966էն ի վեր բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներէ ներս եւ միշտ ալ պահած է իր կապը իր [...]

July 31st, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՈՅԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՆՏԷՆ ԱՅԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՉԱԽՉԱԽԻՉ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ Է

ԿՈՒԱՆԹԱՆԱՄՈՅԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՆՏԷՆ ԱՅԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՉԱԽՉԱԽԻՉ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾ Է

ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութեան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը հասած է այն եզրակացութեան, որ Քուպայի մէջ գտնուող Կուանթանամոյի ամերիկեան խարիսխի տխրահռչակ բանտէն ազատ արձակուած աւելի քան 420 բանտարկեաները, որոնք յանձնուած են իրենց ծննդավայրի իշխանութեանց կամ երրորդ երկրի մը, մեծամասնութեամբ ազատ արձակուած են, որովհետեւ ամերիկեան իշխանութիւնները ոչ մէկ շօշափելի փաստ ներկայացուցած են անոնց [...]

July 31st, 2007

| Posted in Միջազգային | Read More »

Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Կիրակի, Յունիս 3, 2007ին, պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի. ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, հոգաբարձութեան եւ շրջանի քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչոպէս նաեւ ծնողներ եւ Կիրակնօրեայի առաքելութեան հաւատացող բարեկամներ։
Օրուան հանդիսավարներն էին Կիրակնօրեայի շրջանաւարտներէն Զապէլ Կիրակոսեան եւ Ռիթա Սօֆեան։
Ռազմիկ քհնյ. [...]

July 31st, 2007

| Posted in Սփիւռք | Read More »