Home » August 31st, 2007Entries posted on “August, 2007”
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ձեռամբ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի Օգոստոս 27ին օրհնուեցաւ Գեղարքունեաց թեմի Վարդենիկ համայնքի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռը:
Աղօթարանը կառուցուած է առաջարկով սրբազան հօր եւ բարերարութեամբ նոյն համայնքի բնակիչներ Աշոտ եւ Թաթուլ Մովսիսեաններու՝ ի պահպանութիւն 1507ի Հիզանի մէջ գրուած մէկ Աւետարանի, որ երկար տարիներ պահպանուած էր Մովսիսեաններու տան մէջ: Ձեռագիր Աւետարանը նաեւ բարձրարժէք արուեստի գործ է:
[...]
August 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական Ժողովրդային ընկերութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ահմատ Թիւրք Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Թոփթան Քէօքսալին գանգատ յայտնեց բանակին կողմէ իր կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններուն նկատմամբ անտեսումին համար։
Թիւրք ըսաւ, որ բանակին սպայակոյտի նախագահութիւնը իրենց հրաւիրագիր չէ ղրկած Օգոստոս 30ի Յաղթանակի օրուան տօնակատարութեան առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան, նման քայլ մը «անջատողականութիւն» որակելով:
«Շարունակ անջատողականութեան մասին կը խօսին, բայց իրե՛նք [...]
August 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու օրէնքին կապակցութեամբ, կառավարութիւնը իր Չորեքշաբթի օրուան նիստին սահմանեց ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացող անձերու համար երկրի սահմանադրութեան եւ հայերէն լեզուի իմացութիւնը ստուգելու կարգը: Նաեւ ի յայտ եկաւ, որ օրէնքը կարելի չէ գործադրութեան դնել 2008էն առաջ:
Քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը սահմանող օրէնքի կիրարկումին համար անհրաժեշտ է, որ պետական համապատասխան մարմինները (Հայաստանի ոստիկանութիւն, կրթութեան [...]
August 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փաստաբանի արտօնագիր ստանալու որակաւորման քննութեան վերջնական արդիւնքներուն համաձայն՝ քննութեան առաջին փուլը յաղթահարած է 97 իրաւաբան, որոնցմէ 53ը քաղաքացիական, իսկ 44ը՝ քրէական ուղղուածութեամբ: Որակաւորման յանձնաժողովի նախագահ Ենոք Ազարեան յայտնեց, որ քննութեան արդիւնքները բողոքարկած է 55 անձ. «Քննական ստուգումը կատարուել է համակարգչային ճանապարհով: Նրանք, ովքեր կասկածում են իրենց ստացած գնահատականի իսկութեանը, կարող են մեզնից ստանալ [...]
August 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Վրացական «Վրաստանի ուղին» կուսակցութեան ղեկավար Սալոմէ Զուրապիշւիլի Չորեքշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խստօրէն քննադատեց երկրի կառավարութիւնը՝ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս չափազանց մեծ, իսկ ընկերային մարզէն ներս քիչ ծախսեր ընելուն համար:
Վրաստանի կառավարութիւնը վերջերս որոշած է պաշտօնէութեան համար յատկացնել աւելի քան 320 միլիոն լարի, գումար մը, որ պետական ամավարկին մէկ երրորդէն աւելի [...]
August 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Իզմիրի փաստաբանական կաճառը կարգապահութեան հարցաքննութիւն բացաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ամբաստանեալներէն Եասին Հայալի պաշտպան փաստաբան Ֆուատ Թուրկութի դէմ։
Ֆուատ Թուրկութ Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան առաջին նիստի բացումէն առաջ կարգ մը անտեղի խօսքեր ըրած է թէ՛ Հրանդ Տինքի կնոջ ու դուստրերուն եւ թէ Տինքը պաշտպանող փաստաբաններու եւ կարգ մը լրագրողներու հասցէին։
Թուրկութ, նիստէն առաջ, Տինքի [...]
August 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեան «ԲԱՄՕ» ընկերութեան ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ Երեւանի մարզամշակութային համալիրի վերանորոգման աշխատանքներուն:
Վարչապետը շրջեցաւ հանդիսութիւններու եւ գիտաժողովներու դահլիճներուն, հայելային սրահի, հանդերձարաններու մասնաբաժիններուն մէջ, այցելեց կաթսայատուն եւ ծանօթացաւ սանդուխներուն վրայ կատարուող աշխատանքներուն:
«ԲԱՄՕ» ընկերութեան նախագահ Մուրադ Մուրադեան տեղեկացուց, որ ընկերութիւնը համալիրը գնելու եւ վերանորոգելու համար կատարած է շուրջ 16-18 միլիոն տոլարի ներդրում եւ [...]
August 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 30ի նիստին կառավարութիւնը վաւերացուց գիտութեան ոլորտի բարեփոխումներու ձեռնարկներու ծրագիրը եւ ժամանակացոյցը:
Եռամեայ (մինչեւ 2011) ծրագիրով նախատեսուած է իրականացնել աւելի քան մէկուկէս տասնեակ միջոցառումներ, որոնցմէ է՝ ոլորտի բարելաւման ուղղուած օրէնքներու նախագիծերու մշակում եւ ներկայացում կառավարութեան, գիտութեան ոլորտի պետական կառավարման մարմինի ձեւաւորում, գիտական կեդրոններու ձեւաւորման սկզբունքներու եւ չափանիշներու մշակում, գիտութեան զարգացման պետական ռազմավարական [...]
August 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 11ին Մեքսիքայի մէջ պիտի սկսի տարուան ճատրակային գլխաւոր իրադարձութիւնը՝ աշխարհի անհատական ախոյեանութեան եզրափակիչ մրցաշարքը:
Եզրափակիչի մասնակից 8 ուժեղագոյն ճատրակիստերէն մէկը Լեւոն Արոնեանն է: Ան մրցաշարքին պիտի նախապատրաստուի Մեքսիքոյի մէջ՝ Հայաստանի մէկ այլ անուանի ճատրակիստ Գաբրիէլ Սարգսեանի հետ:
Նշենք, որ մրցաշարքը ունի երկու շրջան եւ բաղկացած է 14 փուլէ:
August 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ներկայումս Հայաստանի Հանրապետութիւնը կանգնած է բախտորոշ ճամբաբաժանի առաջ: Մեր հետագայ քայլերից է կախուած, թէ մեզ համար ինչպիսի՞ն կը լինեն առաջիկայ տարիները՝ կորուստների՞, թէ ձեռքբերումների: Մեր առջեւ ծառացել է առկայ մարտահրաւէրները չէզոքացնելու եւ դրանք դրականօրէն յեղաշրջելու հրամայականը:
Քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովրդի հաւաքական ներուժը քաղաքական, տնտեսական կամ ռազմական ոլորտներում զիջում է եւ մշտապէս [...]
August 31st, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան 2007ի գեղեցկութեան եւ նրբագեղութեան մրցոյթին մասնակցելու համար յիշեալ մրցոյթը կազմակերպող ազգային գործակալութեան 100է աւելի դիմում ներկայացուած է:
Ըստ գործակալութեան նախագահ Կարէն Արիստակէսեանի, դիմումները կը շարունակուին ընդունուիլ մինչեւ Սեպտեմբեր 7:
Նշենք, որ մրցոյթը տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին, եւ յաղթողները հնարաւորութիւն կը ստանան մասնակցելու Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ այլ հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթներու:
August 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Համբերութեան ի՞նչ ըլլալուն մասին տրուած հարցումի մը մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ տարբեր սահմանում տալ: Որովհետեւ մարդկային տրամադրութենէն, բնաւորութենէն, խառնուածքէն ու վերջին հաշուով՝ կենսունակութենէն կախեալ է այդ երեւոյթին սահմանումը: Աւելի պարզացնելով հարցը, կարելի է հետեւեալը հարցնել. քանի՞ վայրկեան կրնաս համբերել:
Մարդ էակը համբերութեան նկատմամբ իր զգացողութիւնը ունի, որուն համաձայն գիտէ երկարաձգել կամ, ընդհակառակը, սեղմել համբերութեան ժամանակամիջոցը:
Այսքան [...]
August 31st, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 1էն ետք, Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան շուկան պիտի ազատականացուի, ինչ որ հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի Օգոստոս 24ի նիստին «ԱրմէնԹել» ընկերութեան տրամադրուած թիւ 60 արտօնագիրի մէջ կատարուած փոփոխութիւններու պահանջն է:
Յիշեցնենք, որ «ԱրմէնԹել»ի համացանցային շարք մը այլ ծառայութիւններ մատուցելու մենաշնորհը վերցուած էր աւելի կանուխ:
Շուկայի ազատականացումը պէտք է ըլլար Նոյեմբեր 14ին, սակայն մշակուած գործողութիւններու ժամանակացոյցի [...]
August 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ատրպատականի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդը այս տարի եւս կազմակերպեց եւ իրականացրեց Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ Կոյսի նահատակութեան տօնի առիթով նախատեսուած տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը, Յուլիս ամսի 19-21ի ընթացքում, հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Նշան եպս. Թօփուզեանի։ Ուխտագնացութիւնը գործադրւում է Թեմի ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախմբի, Թաւրիզի Եկեղեցասէր կանանց խնամակալ [...]
August 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս»ին հետ իր ունեցած կարճ հարցազրոյցի ընթացքին, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Հիլտա Չոպոյեան յայտարարեց, թէ «Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան գործընթացի ծիրէն ներս ներկայացուող հերթական զեկոյցին մէջ Հայկական հարցը ոչ մէկ ձեւով արծարծուած է»: Ան առիթը ունեցած է ծանօթանալու զեկոյցի նախնական տարբերակին:
Հիլտա Չոպոյեան շարունակեց ըսելով, որ «զեկոյցին մէջ յատկապէս տեղ գտած է Թուրքիոյ [...]
August 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Կազան իր հակակշռին տակ պահող պաղեստինեան «Համաս» շարժումը պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի միջեւ Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին տեղի ունեցած հանդիպումը նկատեց «քաղաքական վայրէջք մը՝ դէպի պաղեստինեան դատի լուծարում, տունդարձի իրաւունքի եւ պաղեստինեան պետութիւն մը գոյացնելու պաղեստինցի ժողովուրդի ազգային իրաւունքներուն տապալում ու մասնատում»։
«Համաս» շարժումը նաեւ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ [...]
August 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ՀՀում ԱՄՆ դեսպանատան կողմից իրականացուող բազմաթիւ ծրագրերի շարքում դպրոցների վերանորոգման ծրագիրն առանձնանում է իր անմիջական ազդեցութեամբ եւ այն արդիւնքով, որը տեսանելի կը լինի նաեւ ապագայում», Օգոստոս 30ին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հաւատարմատար Ռուտոլֆ Փերինան Երեւանի թիւ 16 յատուկ դպրոցի վերանորոգուած տարածքներու բացման արարողութեան ժամանակ:
Նշենք, որ թոյլ տեսողութիւն ունեցող երեխաներուն համար [...]
August 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Քանի մը օր առաջ, The Nation ամսաթերթի խմբագիր Քաթրինա Վանտեն Հիւվել իր մէկ յօդուածին մէջ (commondreams.org կայքէջ, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29) կու տար կարգ մը տեղեկութիւններ, որոնք կը վերաբերէին ընկերութիւններու տնօրէններու եւ շարքային աշխատաւորներու ստացած աշխատավարձերու տարբերութեան:
Այսպէս, հիմնուելով Institute for Policy Studies եւ United for a Fair Economy հիմնարկներու կատարած ուսումնասիրութիւններուն վրայ, ան կը նշէր, [...]
August 31st, 2007
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ին, Երկուշաբթի, 27 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7ին, «Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ թերթի հիմնադրութեան 80ամեակի ծիրին մէջ ստեղծուած մամլոյ լսարաններու շարքին 4րդը, որ կը կրէր «Փաստավաւերագրական ժապաւէններ-մետիա առնչութիւնը» խորագիրը, զեկուցաբեր՝ Սիւզան Խարտալեան։
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ անդրադառնալէ ետք «Ազդակ»ի հիմնադրութեան 80ամեակի նախաձեռնութիւններուն, յայտնեց, թէ Սիւզան Խարտալեան փաստավաւերագրական ժապաւէններու [...]
August 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՂԱԶՆԻ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 30ին, «Թալեպան» շարժումը ազատ արձակեց մօտաւորապէս վեց շաբաթ առաջ առեւանգուած հարաւային քորէացի եօթը պատանդներ: Մէկ օր առաջ, ազատ արձակուած էին 12 պատանդներ:
Հարաւային Քորէայի կառավարութեան ներկայացուցիչները հաղորդած էին, թէ «Թալեպան»ի հետ ուղղակի բանակցութեանց շնորհիւ կարելի եղած է պատանդներուն ազատ արձակման համաձայնութիւն մը գոյացնել:
Պատանդներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար Սէուլ «Թալեպան» շարժումին [...]
August 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոմիութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Օլի Ռէն պաշտպանեց այն կարծիքը, թէ Պոլսոյ Յունաց պատրիարքարանը ու պատրիարքը պէտք է կարենան ազատօրէն գործածել «Էքիւմենիք» տիտղոսը։ Ան այս կարծիքը յայտնեց՝ պատասխանելով Եւրոխորհրդարանի յոյն երեսփոխան Անթոնիոս Թրաքաթէլիասի մէկ հարցումին:
Ռէն իր պատասխանին մէջ դիտել տուաւ, որ Եւրոյանձնաժողովը ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերող հարցերուն:
Ռէն շեշտեց, [...]
August 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկահայ գեղանկարիչ, Երեւանի Միջին Արեւելքի թանգարանի հիմնադիր, Երեւանի պատուոյ քաղաքացի Մարկոս Գրիգորեանի մահուան կապակցութեամբ, մշակոյթի նախարարի հրամանով կազմուած է թաղման յանձնաժողով՝ փոխնախարար Գ. Գիւրջեանի գլխաւորութեամբ:
Մարկոս Գրիգորեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, Սեպտեմբերի 1ին, ապա աճիւնը պիտի ամփոփուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:
Ծագումով կարսեցի, Մարկոս Գրիգորեանի 83ամեայ [...]
August 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Օգոստոս 30ին, Փաքիստանի նախագահ զօր. Փերւէզ Մուշշարաֆ յայտարարեց, թէ կը մերժէ բանակի հրամանատարութենէն հրաժարելու արագ որոշում մը պահանջելու նպատակով նախկին վարչապետ Պենազիր Պութոյի կողմէ բանեցուած ճնշումները, սակայն շեշտեց, թէ պատրաստ է անոր հետ բանակցութիւնները շարունակելու իշխանութեան բաժնեկցութեան կապակցութեամբ:
Պութօ, որ Չորեքշաբթի օր նախագահ Մուշարրաֆին 48 ժամնոց պայմանաժամ մը տուած է ընդառաջելու իշխանութեան [...]
August 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ռոյթըրզ».- Յաջորդական երկրորդ օրը ըլլալով, հիւսիսային Լիբանանի Նահր էլ Պարէտ պաղեստինեան գաղթակայանին հին թաղամասերուն մէջ լիբանանեան բանակը «Կազէլ» տիպի ուղղաթիռներով ռմբակոծեց «Ֆաթհ իսլամ»ի դիրքերը եւ գրաւեց նոր դիրքեր։ Ռմբակոծումները կեդրոնացան Թաաունիէի կառոյցին շրջակայքը, ինչպէս նաեւ Տամուն փողոցին վրայ։
«Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալները իրենց կարգին շարունակեցին արձակազինութիւնը՝ լիբանանեան բանակին դէմ։
Հինգշաբթի օր լիբանանեան բանակէն [...]
August 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին, Եւրոպական խորհրդարանի Մարդկային իրաւանց յանձնախումբի նիստին ընթացքին, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անգամ մը եւս քննադատուեցան մարդկային իրաւանց մարզին մէջ արձանագրուած թերացումներուն պատճառով:
Ատրպեճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է զանգուածային լրատուամիջոցներուն տարրական իրաւունքներուն խախտումներուն։
Եւրոպական յանձնաժողովի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Ռութկէր Վիսէլ լրատուութեան մարզին մէջ «իրավիճակի հետագայ վատթարացումը անթոյլատրելի» համարեց:
«Ատրպէյճանի [...]
August 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Սեպտեմբեր 8ին եւ 12ին Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը Եւրոպայի 2009ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ պիտի մրցի Չեխիոյ եւ Ուքրանիոյ երիտասարդական հաւաքականներուն հետ: Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն հրաժարած Սամուէլ Պետրոսեան փոխարինուած է Վարուժան Սուքիասեանով:
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի թիավարութեան խումբը Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ պիտի մասնակցի Օգոստոս 30էն մինչեւ Սեպտեմբեր 3 տեղի ունեցող թիավարութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարն է միջազգային կարգի մրցավար Սամսոն Յակոբեան եւ խումբին մէջ ընդգրկուած են երկու մարզիկներ՝ Սարգիս Յակոբեան եւ Լէոնիտ Քիրշ:
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Խորագրի բանագողութիւն չէ ըրածս։ Այս խորագրին տակ, Օգոստոս 21ին «Ճերուզալեմ փոսթ» թերթին մէջ, յօդուած մը գրած է Ամերիկայի հրէական կոմիտէի (AJC) գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Հէրիս, իսկ յօդուածին շարժառիթն է հրէական այլ կազմակերպութեան մը՝ ADL-ի գործադիր տնօրէն Ապրահամ Ֆոքսմանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտարարութիւններու շուրջ բարձրացած աղմուկը, որուն վերջերս լայնօրէն անդրադարձաւ ամերիկեան մամուլը։
Ապրահամ Ֆոքսմանի գլխաւորած ADL-ի [...]
August 30th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 30ի նիստին կառավարութիւնը փոփոխութիւններ կատարեց իր 2003 Յունիս 13ի հիմնական կենսաթոշակներու չափերու մասին որոշումին մէջ:
Ըստ կառավարութեան նոր որոշումին, կենսաթոշակներու չափը՝ 4250էն բարձրացուած է 6800 դրամի, իսկ ապահովագրական 1 տարուան արժէքը 230ի փոխարէն սահմանուած է 375 դրամ: Կատարուած փոփոխութիւններու արդիւնքով, կենսաթոշակներու միջին չափը պիտի բարձրանայ 60 տոկոսով եւ պիտի կազմէ մօտաւորապէս [...]
August 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճանապարհային ոստիկանութիւնը Սեպտեմբեր 1-10 երկարող օրերուն պիտի խստացնէ ճամբաներու հսկողութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ուսումնական տարուան սկիզբն է:
Այս օրերուն ճանապարհային ոստիկանութիւնը հսկողութիւն պիտի կատարէ նաեւ մայրաքաղաքի բոլոր 150 ճանապարհամերձ դպրոցներուն մօտ:
Նշենք, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը ճանապարհային ոստիկանութեան հետ միասնաբար մշակած է ուսումնական ծրագիր՝ 1-4րդ դասարաններու աշակերտներուն ճանապարհային երթեւեկութեան տարրական կանոններուն ծանօթացնելու [...]
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Քոնկրէսի՝ Կառավարութեան հաշուետուութեան գրասենեակին պատրաստած տեղեկագրի մը համաձայն, Իրաքի իշխանութիւնները թերացած են երկրին կացութիւնը բարելաւելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու սահմանած 18 թիրախներուն հասնելու աշխատանքներուն մէջ եւ կրցած են անոնցմէ միայն երեքին հասնիլ:
Տեղեկագիրը յառաջիկայ շաբաթ հանրութեան պիտի ներկայացուի, սակայն անոր նախագիծէն օրինակ մը անցած է «Ուաշինկթըն փոսթ» թերթին լրագրողներուն ձեռքը եւ թերթը անկէ կարգ [...]
August 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅԹ ՀԱՆՈՒՆ, Կազա, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28ին, Կազայի մէջ իսրայէլեան ուժերը սպաննեցին երեք պաղեստինցի պատանիներ, որոնցմէ երկուքը 10 տարեկան էին, իսկ երրորդը՝ 12:
Երեք զարմիկները սպաննուեցան հիւսիսային Կազայի Պէյթ Հանուն գիւղաքաղաքին մէջ:
Իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ իր ուժերը ռմբակոծած են հարաւային Իսրայէլը ռմբակոծող հրթիռարձակներ, «ցաւ յայտնելով», որ պաղեստինցի պատանիներ կը շահագործուին «ահաբեկչական յարձակումներ» իրագործելու [...]
August 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Այս շաբթուան ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի միջեւ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին իսրայէլեան կողմը մերժած էր մանրամասնօրէն քննելու սկսիլ հիմնական երեք կէտեր, որոնք են՝ պաղեստինեան պետութեան սահմաններու, պաղեստինցի գաղթականներու եւ Երուսաղէմի ապագային առնչուող հարցերը: Հակառակ այս կեցուածքին, Օլմերթ կը պնդէ, թէ ջանք կը տարուի «հիմնական [...]
August 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան Օգոստոս 29ին ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Ռուտոլֆ Փերինան:
Հանդիպման առանցքը Ազգային ժողովի հետ գործակցութեան ծրագիրի քննարկումն էր՝ ըստ ԱՄՆ դեսպանատան մշակած եւ նախապէս ներկայացուած առաջարկններու:
Ըստ դեսպան Փերինայի, Ազգային ժողովը Հայաստանի ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է, եւ ԱՄՆ դեսպանութիւնը կը ցանկանայ հնարաւորին չափով օգտակար ըլլալ [...]
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի «ողջոյն-հանդիպում»ը նոր ընդուող ուսանողներուն հետ տեղի պիտի ունենայ այսօր, Սեպտեմբեր 1ին:
Նոր ուսումնական տարին պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ պիտի սկսի ճարտարագիտական համալսարանի ղեկավարութեան, ուսանողութեան ներկայացուցիչներու եւ նոր ընդուող ուսանողներու արդէն աւանդութիւն դարձած հանդիպումով:
Հանդիպումը պիտի սկսի ՀՊՃՀ տնօրէն Մարուխեանի ողջոյնի խօսքով՝ ուղղուած «նոր» ուսանողներուն:
Եօթը տասնամեակէ աւելի կեանք ունեցող [...]
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հաշուի առնելով, որ վերջին երկու օրերու ընթացքին մամուլին մէջ բազմաթիւ անդրադարձներ եղան հարաւային Կովկասի մշակութային ժառանգութեան վիճակի ուսումնասիրման նպատակով տարածաշրջան ԵԽԽՎ զեկուցող Էտուըրտ Օ’Հարայի այցելութեան յետաձգման հարցին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ տարածուող ստայօդ բացատրութիւնները, Հայաստանի Ազգային ժողովը անհրաժեշտ համարեց ներկայացնել իրողութիւնը:
Այսպէս, այցի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնը ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեանն էր՝ կապուած Նախիջեւանի մէջ [...]
August 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՎԱՆԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Լոռիի մարզին մէջ 15-20 օրէ ի վեր նկատուող անասուններու Ափրիկեան ժանտախտ հիւանդութիւնը արդէն սկսած է արագօրէն տարածուիլ եւ ընդգրկած է նորանոր տարածքներ: Մինչեւ վերջերս հիւանդութիւնը տարածուած էր Լոռիի մարզի միայն 3 գիւղերու մէջ՝ Վահագնի, Վահագնաձոր, Փամբակ, այսօրուան դրութեամբ սակայն, վարակուած անասուններ յայտնաբերուած են Դսեղ, Լորուտ, Եղէգնուտ, Ձորագէտ գիւղերուն մէջ եւ կասկած կայ, որ [...]
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Վեցերորդ տարին ըլլալով, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կ’իրականացնէ «Երբ գալիս է Սեպտեմբերը» ծրագիրը: Այս մասին յայտնեց նախարարութեան անձնակազմի բարեգործական ծրագիրներու համակարգման բաժնի պետ Մարտին Մխիթարեան եւ նշեց, որ ծրագիրի նպատակն է օժանդակել երեք եւ աւելի դպրոցահասակ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն՝ անոնց իւրաքանչիւր երեխային անվճար տրամադրելով գրենական պիտոյքներ եւ դպրոցական պարագաներ:
Ըստ նոյն [...]
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համաշխարհային դրամատան եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 6-7ին Լոնտոնի մէջ պիտի կազմակերպուի ողջունահանդէս, ուր պիտի ներկայացուի «Հայկական երկաթուղի» ընկերութիւնը կառավարման յանձնելու նախագիծը:
Ըստ փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեանի, հանդէսին պիտի մասնակցին շուրջ 40 օտար եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Կը նախատեսուի, որ «Հայկական երկաթուղի»ի կառավարիչի ընտրութեան մրցոյթը յայտարարուի ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին, [...]
August 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Արհեստավարժ թենիսի «Կրէնտ սլէմ» մակարդակի չորս մրցաշարքներէն մէկը հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու բաց մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ 24րդ դասուած արժանթինահայ Դաւիդ Նալպանտեան Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ի երեկոյեան սուր պայքարէ մը ետք 7-5, 7-6 (7-4), 7-6 (8-6) արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց սպանացի Իվան Նաւարօ Փասթորի դէմ, հասնելով երկրորդ հանգրուան:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան Երեքշաբթի [...]
August 29th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Քարոզչութիւն եւ տեղեկատուութիւն նոյնքան հին են հաւանօրէն՝ որքան գիտակցութեան արթնցած մարդկութիւնը, երբ սկսած է կազմուիլ ընկերային բջիջը: Հանդիսութիւններ, արարողութիւններ, ծէսեր, կոթողներ, այդ դերը կատարած են դարերու ընթացքին: Քարոզչութիւնը իշխանութեան տարածման եւ հաստատման հատու միջոց եղած է եւ է: Ի զուր չէ, որ ժամանակակիցներս մամուլը, լայն առումով, կը կոչենք «չորրորդ իշխանութիւն»: Յիշեցնենք, որ ամերիկեան «Ուաշինկթըն փոսթ» [...]
August 29th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը, որ մտադիր էր Նախիջեւան այցելել հայկական յուշարձաններու քանդումին կապակցութեամբ փաստահաւաք առաքելութեամբ, յայտարարեց, թէ այս այցելութիւնը յետաձգուած է:
Սակայն մեկնաբանելով այս հարցը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գոհացաւ միայն ցաւ յայտնելով:
Նախարարութեան բանբեր Վլատիմիր Կարապետեան յայտարարեց. «Ցաւում ենք, որ ատրպեճանական կողմի ապակառուցողական կեցուածքի պատճառով, որի նպատակն է [...]
August 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն տուած իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Շաբաթ օր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէրի պատուիրակ դեսպան Ժան Քլօտ Քուսրան այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ Յակոբ Բագրատունիի, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեանի հետ։ Քննարկուեցան Լիբանանի կացութիւնը եւ այս ծիրին մէջ ֆրանսական շարժումը։
Հանդիպումէն ետք Յովիկ [...]
August 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին, Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ապտալլա Կիւլ վաւերացուց վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի նոր կառավարութեան կազմը, որու միջոցաւ Էրտողան կը յուսայ արագացնել քաղաքական ու տնտեսական այն բարեկարգումները, որոնք հարկաւոր են երկիրը Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու նպատակով սպասուած բանակցութիւնները առաջ մղելու:
Յուլիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ մը ետք, Էրտողան նոր կառավարութեան [...]
August 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական համալսարանը իր նոր ընդունուած ուսանողները պիտի դիմաւորէ Սեպտեմբեր 3ին: Այդ օրը ԵՊՀ բոլոր առաջին տարուան ուսանողներուն պիտի բաժնուի փաթեթ մը՝ կազմուած ուղեցոյցէ, ԵՊՀի քարտէսէ, տեղեկատուական թերթիկներէ, նոթատետրէ եւ գրիչէ:
Իսկ ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնը Սեպտեմբեր 14ին ԵՊՀ կեդրոնական մասնաշէնքի բակին մէջ պիտի կազմակերպէ ԵՊՀ մեծարման եւ նոր ուսանողներու երդման ամէնամեայ արարողութիւնը:
August 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի գրասենեակէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Մէթիու Պօղոսեան (Դեմոկրատ) նշանակուած է նահանգի օրինապահ մարմիններու փոխքարտուղար եւ Կենսոլորտի պաշտպանութեան գործակալութեան խորհրդական:
Մէթիու Պօղոսեան 46 տարեկան է եւ կը բնակի Սալինաս: 1995էն ի վեր, ան ծառայած է իբրեւ Մոնթրէյ գաւառի շրջանային դատախազի տեղակալ: Նախապէս, ան իրաւաբանական հաստատութեան մը մէջ կը գործէր: Եղած [...]
August 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ ծրագրած է վարժողական նոր ծրագիր մը, որ պիտի սկսի յառաջիկայ աշնան:
8 շաբաթներու վրայ երկարող այս ծրագիրը սահմանուած է երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն կարգերու, քոլէճի եւ անկէ շրջանաւարտ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու համար, որոնք հետաքրքրուած են ամերիկահայ հանրային կեանքի խոր ճանաչողութեամբ՝ տեղական թէ համաամերիկեան մակարդակներու վրայ:
Տեղական ղեկավար շրջանակներու հետ շփումներու կողքին, [...]
August 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի մէջ գործունէութիւն տանելու լիբանեանեան Credit Bank-ի մտադրութիւնը ողջունելի եւ միանգամայն համահունչ է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վարուող երկիրի ելեւմտական շուկայի զարգացման քաղաքականութեան, յայտարարեց վարչապետ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 29ին ընդունելով դրամատան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Թարէք Խալիֆան եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նշեալ դրամատունը որոշած է մտնել Հայաստանի ելեւմտական շուկայ եւ այս այցելութիւնը կ’իյնայ տուեալ [...]
August 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Անդրադառնալով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէրի «Փարիզիէն» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին, որուն ընթացքին վերջինս շեշտած էր, թէ Ֆրանսա Սուրիոյ նկատմամբ «բաց» կեցուածք պիտի որդեգրէ, եթէ Դամասկոս յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, յատկապէս յառաջիկային տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, Դամասկոս հաստատեց, որ Սուրիա նախանձախնդիր է Ֆրանսայի հետ հեզասահ յարաբերութիւններու հաստատման։ Սուրիացի պաշտօնատար մը շեշտեց, թէ [...]
August 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Երկուշաբթի օր, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Հիւսէյն Տիրար այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի կողմէ։
Հանդիպումէն ետք դեսպան Տիրար ըսաւ, որ «ասիկա հրաժեշտի այցելութիւն մըն է Հ.Յ.Դաշնակցութեան, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ վաաստակաւոր կուսակցութիւն մըն է եւ իր կշիռն ու [...]
August 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայ-ամերիկեան տարեցներու Էնսինոյի մասնաճիւղի հերթական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Յուլիս 28, 2007ին, «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ:
Օրուան ճաշի հովանաւորն էր Վարդուհի Կարապետեան, ի յիշատակ իր մօր՝ Սառա Կարապետեանի եւ եղբօր՝ Կարօ Կարապետեանի առողջութեան մաղթանքով:
Ճաշը օրհնեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան: Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին երեք երգիչներ՝ Նշան Չաղացպանեան, Վարուհի Շահինեան եւ Սօսի Մարտիրոսեան:
Մթնոլորտը այնքան [...]
August 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Պատմութեան կաճառի նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ քիւրտերու, ալաուիներու եւ հայերու մասին անցեալ շաբաթ իր կատարած յայտարարութենէն ետք կը շարունակէ ինքզինք արդարացնել փորձել, Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին յայտարարեց, թէ զինք ամբաստանողն ու քննադատողները ընդհանրապէս «(Հայկական) Ցեղասպանութիւն եղած է» ըսողներն են։
Հալաճօղլու դարձեալ զարմանալիօրէն պարզունակ տրամաբանութեամբ մը ըսաւ, որ իր տեսակէտները կը ջրեն հայոց պնդումները, [...]
August 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու համար Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Չուլֆալակեանի ղեկավարութեամբ, Պաքու պիտի մեկնի Սեպտեմբեր 15ին եւ պիտի վերադառնայ Սեպտեմբեր 20ին: Իսկ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Հրանդ Ենոքեանի ղեկավարութեամբ, Պաքու պիտի մեկնի Սեպտեմբեր 17ին եւ պիտի վերադառնայ Երեւան Սեպտեմբեր 24ին:
Այս մասին յայտնեցին ըմբշամարտի ընկերակցութեան աղբիւրները եւ [...]
August 29th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու Ազգային գաղտնի սպասարկութեանց գնահատականը, որ ամերիկեան 16 գաղտնի սպասարկութեանց եզրակացութիւնները կը ներկայացնէ, կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիա Իրաքի մէջ իր շահերը պաշտպանելու համար շարք մը քայլերու կրնայ դիմել, մինչ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարելու համար հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական միակողմանի զինուորական գործողութեան մը վտանգը կը շարունակէ յամենալ։
Թէեւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը [...]
August 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին, Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը ազատ արձակեց Երեքշաբթի գիշեր ձերբակալուած ութ իրանցիներ, երբ ի յայտ եկաւ, որ անոնք Իրաքի ելեքտրականութեան նախարարութեան կողմէ Պաղտատ հրաւիրուած էին Իրաքի մէջ ուժանիւթի նոր կայան մը կառուցելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով բողոք ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց, Թեհրանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպանին ճամբով: Նկատի ունենալով, [...]
August 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրէական ADL կազմակերպութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը այնքան խոշոր ցնցում յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ, որ մամուլը ամէն օր կը շարունակէ արձագանգել այս հարցին:
«Ենի Շաֆաք» թերթը Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ի թիւով կը հաղորդէ, թէ հրեաներու նոր դիրքորոշումը շատ զայրացուցած է նաեւ Էմին Քըվըրճըքը, որ թոռն է Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին 20 հազար հրեաներու կեանքը [...]
August 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Խազար Իպրահիմ յայտարարեց, թէ ատրպեճանական իշխանութիւնները մտադիր չեն քննելու Կապալայի ռատարի կայանը ամերիկեան կողմին վարձու տալու կարելիութիւնը:
Իպրահիմ Խազար այս յայտարարութիւնը կատարեց ռուսական «Ինթըրֆաքս» գործակալութեան:
Խազար ատրպեճանական այս կեցուածքը հիմնաւորեց ըսելով, որ իր երկիրը նշեալ կայանը ռուսական կողմին վարձու տուած է մինչեւ 2012 թուականը:
Ներկայիս, Մ. Նահանգներ, Ռուսիա [...]
August 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵԽԽՎի փաստահաւաք առաքելութեան հարաւային Կովկաս ու յատկապէս Նախիջեւան այցելութեան յետաձգումը մեզի պարզապէս զարմանք կը պատճառէ: Փաստահաւաք առաքելութիւն՝ ստուգելու, թէ առհասարակ ի՞նչ կացութեան մէջ են պատմա-մշակութային յուշարձանները հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ եւ յատկապէս՝ Նախիջեւանի հայկական յուշակոթողները:
Աշխարհին ծանօթ է (բայց կ’երեւի՝ ոչ եւրոպական պաշտօնական կառոյցներուն) Նախիջեւանի հայկական խաչքարերու ջարդը, որ տեղի ունեցաւ օր ցերեկով, օրին նաեւ՝ [...]
August 29th, 2007
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարի ընկերային անապահովութեան համակարգին մէջ հաշուառուած է 1200 ընտանիք, որմէ իւրաքանչիւրին նորածին երրորդ եւ յաջորդ երեխաներու համար տրուած է 200 հազար դրամ:
Այս մասին յայտնեց ընկերային ապահովութեան նախարարութեան պաշտօնատարներէն Արմէն Մարգարեան եւ նշեց, որ այս գումարը տրուած է այն ընտանիքներուն, որոնց անապահովութեան միաւորը զերոյէն բարձր է: Ան յայտնեց նաեւ, որ ընկերային անապահովութեան [...]
August 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Աջափնեակ համայնքին մէջ գտնուող «Սպիտակ» գիտաառողջարարական համալիրին մէջ Օգոստոս 29ին տեղի ունեցաւ մեծահասակներու եւ մանկական աւազաններու բացման արարողութիւնը, զոր կատարեց պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան:
Նախարար Յարութիւնեան իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորեց երիտասարդները եւ պատանի սերունդը՝ նման աւազաններ ունենալու առիթով եւ նշեց, որ այն թոյլ կու տայ առողջ երիտասարդութիւն ունենալ Հայաստանի մէջ եւ [...]
August 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՔԱՆՏԱՀԱՐ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին, «Թալեպան» շարժումը ազատ արձակեց մօտաւորապէս վեց շաբաթ առաջ առեւանգուած հարաւային քորէացի պատանդներէն 12ը, խոստանալով ազատ արձակել մնացեալ պատանդները եւս: Մէկ օր առաջ, Հարաւային Քորէայի կառավարութեան ներկայացուցիչները հաղորդած էին, թէ «Թալեպան»ի հետ ուղղակի բանակցութեանց շնորհիւ կարելի եղած է պատանդներուն ազատ արձակման համաձայնութիւն մը գոյացնել: Պատանդներուն ազատ արձակումը ապահովելու համար Սէուլ «Թալեպան» [...]
August 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի Ապու Ղրէյպ բանտին մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու հարցով բացայայտուած գայթակղութեան հարցով ամբաստանուած միակ սպան՝ Սթիւ Ճորտըն, Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29ին խուսափեցաւ պատիժէ՝ միայն յանդիմանութիւն մը ստանալով, հակառակ այն իրողութեան, որ ան կրնար հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ ու հեռացուիլ զինուորական ուժերէն:
Զինուորական ատեանի մը դատակազմը սպային միակ յանցանքը համարեց այն իրողութիւնը, որ [...]
August 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Քրէական գործերով վերաքննիչ դատարանի Օգոստոս 29ի նիստին, «Ռոյըլ Արմենիա» ընկերութեան համասեփականատէր Գագիկ Յակոբեանի եւ ընկերութեան փոխտնօրէն Արամ Ղազարեանի գործով, դատախազութեան բողոքի քննութիւնը սկսաւ միայն վերջինի մասով:
Դատարանը որոշեց Գ. Յակոբեանի մասով գործի քննութիւնը կասեցնել մինչեւ ամբաստանեալի յայտնաբերումը եւ իր նկատմամբ հետապնդում յայտարարել, իսկ որպէս խափանման միջոց ընտրել կալանքը:
Պաշտպանական կողմը դատարան ներկայացուցած [...]
August 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՖՈՐԹ ԼՈՏԸՐՏԷՅԼ.- Ֆլորիտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ նահանգի 19րդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական թեկնածու Պենճըմին Կրէյպըր (Դ.) կոչ ուղղեց ADL-ին, որպէսզի զօրակցի Քոնկրէսէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին եւ ողջունեց կազմակերպութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
Կրէյպըր նաեւ խստօրէն քննադատեց իր հանրապետական մրցակիցը, քոնկրէսական Ռապըրթ Ուեքսլըրը, որ կը շարունակէ ընդդիմանալ բանաձեւին:
Յանձնախումբի ատենապետ Ալպերթ Մազմանեան ողջունեց Կրէյպըրի կեցուածքը [...]
August 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէր Երկուշաբթի օր ներողութիւն խնդրեց «իրաքեան հարցերուն միջամուխ ըլլալուն համար»։ Քուշնէր ամերիկեան «Նիուզուիք» շաբաթաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի պէտք է հրաժարի, որմէ ետք Մալիքի Ֆրանսայէն պաշտօնական ներողութիւն պահանջած էր։
Քուշնէր «Ինթըրնէշընըլ հերըլտ թրիպիուն» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, [...]
August 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին, հիւսիսային Կազայէն արձակուած հրթիռ մը հարուածեց Իսրայէլի սահմաններէն ներս գտնուող բնակարան մը, որու հետեւանքով իսրայէլացի քաղաքացի մը վիրաւորուեցաւ:
Մէկ օր առաջ, իսրայէլեան սահմանապահ ուժեր պաղեստինցի մը սպաննած էին Կազա-Իսրայէլ սահմանին վրայ, մինչ Իսրայէլի իշխանութիւնները Եգիպտոսը կ’ամբաստանէին Կազա-Եգիպտոս սահմանին հսկողութեան հարցին բաւարար լրջութեամբ չմօտենալու յանցանքով:
Երեքշաբթի օր Եգիպտոսի իշխանութիւնները անհիմն համարեցին [...]
August 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին կրակմարի դրութիւն հաստատեցին շիիներու սրբավայր Քերպալայի մէջ, ուր աւելի քան մէկ միլիոն շիի ուխտաւորներ հաւաքուած էին: Ուխտաւորներուն նաեւ հրահանգուեցաւ հեռանալ քաղաքէն եւ հանրակառքեր տրամադրուեցան անոնց հեռացումը արագացնելու նպատակով:
Երկուշաբթի գիշեր եւ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին առնուազն 27 հոգի սպաննուած էր քաղաքին մէջ, որմէ ետք Իրաքի ներքին [...]
August 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի աքսորեալ նախկին վարչապետ Նաուազ Շարիֆ խոստացաւ վերադառնալ Փաքիստան եւ նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆը իշխանութենէն հեռացնելու նպատակով մասնակցիլ ընտրութիւններուն։ Ան կը խօսէր Լոնտոնի մէջ՝ Փաքիստանի գերագոյն դատարանին կողմէ իր վերադարձը արտօնող վճիռին արձակումէն ետք։
Շարիֆ, որ Փաքիստանէն մեկնած էր 1999 թուականին, զօր. Մուշարրաֆի իրագործած պետական հարուածէն ետք, յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ տրուած վճիռը [...]
August 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հրամանով, «Առաքելութիւն Արեւելք» դանիական մարդասիրական կազմակերպութեան կրթական ծրագիրներու ղեկավար Րաֆֆի Տուտագլեան պարգեւատրուեցաւ նախարարութեան բարձր պարգեւով՝ ոսկի մետալով, յատուկ կարիքներով երեխաներու կրթութեան կազմակերպման մէջ իր բերած նպաստին համար:
Նոյն պարգեւին արժանացաւ նաեւ «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան Հայաստանի գործընկեր կազմակերպութեան՝ «Յոյսի կամուրջ»ի նախագահ Սուսաննա Թադէոսեան: Րաֆֆի Տուտագլեան ղեկավարն է «Կրթութիւն [...]
August 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին, Թուրքիոյ խորհրդրանը երկրին արդի պատմութեան մէջ ընտրեց իսլամական արմատներ ունեցող կուսակցութեան մը անդամ առաջին նախագահը, հակառակ երկրին բանակին ու աշխարհիկ կարգերու ջատագով շրջանակներուն վերապահութեան:
Խորհրդարանի նախագահ Քէօքսալ Թոփթան յայտարարեց, թէ 550 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մէջ Կիւլ ստացած է 339 քուէներ, ինչ որ բաւարար է երրորդ հանգրուանին նախագահ ընտրուելու համար:
Առաջին [...]
August 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղը (WWF Հայաստան) եւ «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկը 2007ի Սեպտեմբեր 1էն պիտի գործադրեն Կովկասեան ընձառիւծի պահպանման քարոզարշաւ, որուն նպատակն է հզօրացնել կովկասեան ընձառիւծի որսագողութան դէմ մղուող պայքարը եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնել ընձառիւծի բնական ապրելավայրի հսկումը:
Ի դէպ, կովկասեան ընձառիւծը կովկասեան բնատարածաշրջանի ամենավտանգուած կենդանատեսակներէն մէկն է: Ըստ WWF-ի նախնական տուեալներու՝ Հայաստանի [...]
August 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին ելոյթ մը ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ գործող օտար երկիրներու դեսպաններուն տարեկան խորհրդաժողովին ընթացքին։
Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց, որ Ֆրանսա բարեկամ է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ եւ կառչած կը մնայ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան։
Սարքոզի ըսաւ, որ լիբանանեան ներքաղաքական տագնապը կարելի է լուծել հանրապետութեան նախագահի [...]
August 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի հինգ հոգինոց պատուիրակութիւնը Օգոստոս 23-26ին մասնակցեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան հիմնադրութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք տեղի ունեցան Պերլինի մէջ։
Այս նախաձեռնութիւններուն կը մասնակցէին աւելի քան 750 հոգի զանազան երկիրներէ։
Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Օգոստոս 23ի երեկոյեան, որուն կը մասնակցէին պաշտօնական բարձրաստիճան հիւրեր, ինչպէս Պերլինի քաղաքապետը։
100ամեակի ծիրէն ներս տեղի ունեցան «Խաղաղութիւն եւ զարգացում» եւ [...]
August 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ես ՀԱՅ ԱՐՔԱՅ ԱՐԱՄն եմ:
Անշուշտ, Խորենացիէն կամ սեպագիր արձանագրութիւններէն իմ գործերուս մասին լսած ըլլալու ես, պարոն թղթակից:
Ձեր թուականէն 3880 տարիներ առաջ թագաւորն էի Հայոց աշխարհին: Զօրքով եւ հարստութեամբ հզօրագոյնը, բաղդատմամբ հայոց միւս թագաւորներուն: Իմ շրջանիս մանր մունր ուրիշ իշխողներ ալ կային, ժառանգական էր թագաւորութիւնը: Բաց գոց, թափանցիկ կամ գաղտնի քուէարկութիւն չունէինք: «Սահման քաջաց [...]
August 28th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլացի նախարարներ ցուցմունք ստացան նախարարաց խորհուրդի շաբաթական ժողովներէն առաջ իրենց բջիջային հեռաձայնները յանձնելու։ Այս քայլով իշխանութիւնները կը փորձեն կառավարութեան նիստերէն իսրայէլեան մամուլին եղած տեղեկութեանց փոխանցումները նուազեցնել։
Նախարարաց խորհուրդի քարտուղարութիւնը շրջաբերականի մը մէջ յայտնեց, որ բջիջային հեռաձայնները եւ «հաղորդակցութեան այլ միջոցներ» նախարարներուն պիտի վերադարձուին ժողովներէն ետք։ Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց՝ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ [...]
August 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի հաստատման 80ամեակի ծիրէն ներս, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Լոս Անճելըսի արքեպիսկոպոս կարտինալ Ռաճըր Մահոնիի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի եւ այլ հոգեւորականներու, Կիրակի, Օգոստոս 26, 2007ի կէսօրէ ետք ժամը 3:30ին յատուկ արարողութիւն մը կատարուեցաւ Լա Քրեսէնթայի մէջ գտնուող St. James the Less Roman Catholic [...]
August 28th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այսօր, Օգոստոս 29ին պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Մոսկուա՝ քննելու հայ-ռուսական ռազմական գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
August 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պիլ Կէյթսի եւ առեւտուրի ու տնտեսական զարգացման նախարարութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրի շրջանակներով կատարուող աշխատանքներէն արդէն աւարտած է «Windows XP» ծրագիրի հայերէնը, իսկ մինչեւ տարեվերջ պիտի աւարտին «Microsoft Windows Vista» ծրագիրի աշխատանքները:
Այս մասին յայտնեց «Microsoft» ընկերութեան Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Գրիգոր Բարսեղեան եւ նշեց, որ 2008ի սկիզբին նախատեսուած է ներկայացնել «Օffice 2007» ծրագիրի հայկական [...]
August 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ իր անդրանիկ ճառին մէջ աւելի ներդաշնակ համաշխարհային համակարգ ունենալու կարեւորութիւնը շեշտեց, միաժամանակ կոչ ընելով աւելի հզօր Եւրոպա մը կերտելու։ Ան յայտարարեց, որ Եւրոպական միութիւնը կարիքը ունի պաշտպանութեան, ներգաղթի եւ կենսոլորտի մարզերու մէջ աւելի ներդաշնակ ու հաստատ քաղաքականութեան:
Ֆրանսացի դեսպաններուն ուղղուած իր խօսքին մէջ [...]
August 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիայի խորհրդարանում Օգոստոսի 24ին կայացած նախագահական ընտրութիւնների երկրորդ փուլում եւս կառավարող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու, արտաքին գործերի նախարար եւ փոխվարչապետ Ապտիւլլա Կիւլը չկարողացաւ ստանալ նախագահ ընտրուելու համար անհրաժեշտ 367 քուէ։
Քուէարկութեանը մասնակցել է խորհրդարանի 550 անդամներից 446ը: Կիւլի օգտին երկրորդ փուլում քուէարկել է 337 պատգամաւոր, ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան թեկնածու Սապահէտտին Չաքմաքօղլուի օգտին՝ 71 [...]
August 28th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Հրէական ADL կազմակերպութեան Նիւ Ինկլընտի շրջանային տնօրէն Էնտրու Թարսի վերահաստատուեցաւ իր պաշտօնին, հաղորդեց «Էյ.Փի.» գործակալութիւնը երէկ, իսկ այլ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը իսրայէլեան իշխանութիւններէն պահանջեց ճնշում բանեցնել ADL-ի վրայ ու փոխել տալ անոր որոշումը:
Մէկ շաբաթ առաջ, Թարսի կազմակերպութեան կեդրոնական ղեկավարութեան կողմէ հեռացուած էր իր պաշտօնէն, երբ Պոսթընի մէջ հրապարակաւ յայտարարած էր, [...]
August 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Մանկութեան օրեր, երազի նման
Անցաք, գնացիք, էլ չէք դառնալու,
Ո՜հ դուք երջանիկ, ոհ անհոգ օրեր,
Ընդունակ միայն ուրախացնելու»:
Միքայէլ Նալբանդեանի այս հանճարեղ խօսքերուն աւելի կ’անդրադառնանք, երբ արդէն կը վայելենք ի վերուստ մեզ պարգեւուած տարիներու շնորհը…
Իւրաքանչիւր մարդու համար անցեալի յուշերը, որքան որ մռայլ են իրենց գոյներով, ներկայի համեմատութեամբ, անոնք գունեղ են եւ սիրելի…
Անկասկած մարդը կ’ապրի անցեալի եւ [...]
August 28th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 28ին պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նիստը՝ յանձնաժողովի նախագահ, պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ:
Նիստի ընթացքին լսուեցաւ յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ, ոստիկանութեան զորավար Արարատ Մահտէսեանի զեկոյցը՝ յանձնաժողովի գործունէութեան վերաբերեալ:
Քննարկուեցան նաեւ Ատրպէյճանի գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով յանձնաժողովի հետ գործակցութեան ներկայ վիճակը եւ զարգացման [...]
August 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Վերանորոգուելու անընդունակ ժողովուրդները մեռնում են ամէն ժամ, ամէն վայրկեան»։
ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ
Ամերիկացի մանագէտները, «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագրով, այս տարուան Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ դասընթացքներ պիտի կազմակերպեն՝ 277 գիւղախմբերէն ընտրուած գիւղերու բնակիչներուն համար, ծրագիրը իր աւարտին պիտի հասնի 2011 թուականին։ Հողագործները պիտի սորվին, թէ ինչպէ՛ս կարելի է արդիւնաւէտ օգտագործել ոռոգման ջուրը եւ ցանել բերքատու մշակաբոյսեր, ծրագրի իրագործման պիտի [...]
August 28th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան Օգոստոս 28ին ՀՀ Ազգային ժողովին ներկայացուց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչելու մասին» օրինագիծ:
Ըստ կուսակցութեան գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան, օրէնսդրական այս նախաձեռնութիւնը՝ պատշաճ կարգով ընդունուելէ, ստորագրուելէ եւ ուժի մէջ մտնելէ յետոյ, կ’ապահովէ Հայաստանի «տը եուրէ» (օրինական) ճանաչումը՝ 1991ին միջազգային եւ խորհրդային օրէնքներուն համապատասխան Ստեփանակերտի մէջ հիմնուած «տէ [...]
August 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Աքսա» ֆրանսական ընկերութենէն՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհի իրաւայաջորդ, հատուցում ստանալու ակնկալութեամբ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան համապատասխան խորհուրդ դիմած է Հայաստանի 650 քաղաքացի:
Ըստ արդարադատութեան նախարարի խորհրդական Թամարա Շաքարեանի, ընդունուած դիմումներէն 30ը արդէն ուղարկուած է «Աքսա»ի հատուցման գրասենեակ. «Մենք ամէն ինչ անում ենք, որպէսզի դիմումի հետ պահանջուող համապատասխան փաստաթղթերն ամբողջական լինեն, որն էլ կ’երաշխաւորի տուեալ անձի՝ [...]
August 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ինձ համար, որպէս լրագրող, շատ տարօրինակ, զարմանալի եւ անընդունելի է հնչում «Գնում ենք արձակուրդի» արտայայտութիւնը, որին այս տարի եւս ականատես եղայ թէ՛ հայաստանեան եւ թէ սեփիւռքահայ մի քանի թերթերի առաջին էջում։ Մինչ այժմ գոնէ տեսել եմ չորս թերթերի նմանատիպ յայտարարութիւններ, որոնցից մէկում աւելացուած էր, թէ «բայց մենք էլ մարդ ենք, գնում ենք մէկշաբաթեայ արձակուրդի»։
Անշուշտ, [...]
August 27th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Երբ Յուլիսին ամառուան արձակուրդը կը սկսէր, ընտանիքով կը պատրաստուէինք մեկնիլ դէպի Պիթիաս՝ Ճեպէլ Մուսայի եօթը հայկական գիւղերէն մէկը. հոն վարձած էինք երկու սենեակներ՝ Շէրպէթճեաններուն տան մէջ. այդ տան մէկ մասը նաեւ գրասենեակն էր քաղաքի միւտիր Յարութիւն Շէրպէթճեանին։
Մեծ ուրախութեամբ եւ անհամբեր կը սպասէինք այն օրուան, որ պիտի մեկնէինք եւ շնչէինք այդտեղի մաքուր օդը, պիտի քալէինք [...]
August 27th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Յունաստանի մէջ ծայր առած անտառային հրդեհները կը սպառնան Ողիմպոսի պատմական շրջանին, որ իբրեւ առաջին Ողիմպիական խաղերուն կազմակերպման վայր համաշխարհային ժառանգութիւն կը նկատուի։ Հրշէջ օդանաւերը կը փորձէին վայրին մօտ գտնուող բոցերը մարել, մինչ այդ սակայն մօտակայ գիւղերուն բնակիչները հեռացուած էին շրջանէն։ Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին հաղորդուեցաւ, թէ որոշ յառաջխաղացք կարելի եղած է ապահովել հրդեհը զսպելու [...]
August 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Ռուփէլի հրաւէրով, Օգոստոս 26-27ին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան մասնակցած է Սլովենիոյ Պլէտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ռազմավարական հաւաքին, որուն կը մասնակցէին նաեւ ԵՄ պաշտօնատարներ, եւրոպական, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
«Հարաւային Կովկասի եւ կեդրոնական Ասիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ուղղութիւնները. ԵՄի դերը եւ ԵԱՀԿը» [...]
August 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հաւատարիմ մնալով երկրին քաղաքական կեանքին միջամուխ ըլլալու իր գործելաոճին, Թուրքիոյ բանակի հրամանատարութիւնը այսօր, Երեքշաբթի, Օգոստոս 28ին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեանց նախօրեակին կատարեց յայտարարութիւն մը, իրարանցում մը ստեղծելով երկրին քաղաքական ու տնտեսական շրջանակներուն մէջ:
Արդարեւ, մինչ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը պատրաստուէր նախագահ ընտրել փոխվարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլը, Թուրքիոյ Յաղթանակի [...]
August 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 26ը յայտարարուած էր Սեւանայ լիճի օր: Այս օրը բնապահպանութեան նախարարութեան որոշումով կը նշուի 1999էն ի վեր:
Սեւանայ լիճի պահպանութեան ուղղութեամբ վերջին տարիներուն կը գործադրուին լայնածաւալ նախաձեռնութիւններ:
Վերջին տարիներուն աւելի մեծ ուշադրութիւն սկսաւ յատկացուիլ լիճի բնապահպանական մաքրութեան:
Յուլիսի չափումներով, Սեւանայ լիճի միջին մակարդակը 1898.99 մեթր է: 2005ի Յուլիսին, լիճի միջին մակարդակը եղած է [...]
August 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինցի պաշտօնատար մը, որ մերժած է իր ինքնութիւնը բացայայտել, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս յառաջիկայ Սեպտեմբեր 16ին, նախքան Միջին Արեւելքի վերաբերեալ խորհրդաժողովին կայացումը, հանդիպում պիտի ունենայ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ։
Ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներ չհաստատեցին հանդիպման թուականը, սակայն Ռայս Օգոստոս 2ին Ռամալլայի մէջ Մահմուտ Ապպասի հետ հանդիպման ընթացքին [...]
August 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՆԱՀՐ ԷԼ ՊԱՐԷՏ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանին մէջ լիբանանեան բանակին եւ «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալներուն միջեւ բախումները Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին շարունակուեցան։ Ռմբակոծումներուն ու զինեալ բախումներուն թափը համեմատաբար նուազած է վերջին քանի մը օրերուն:
Միւս կողմէ, «Ֆաթհ իսլամ»ի զինեալները շարունակեցին լիբանանեան բանակին դիրքերուն դէմ իրենց արձակազինութիւնը, միաժամանակ միջնորդներու ճամբով լուր ղրկելով բանակին, թէ կը փափաքին [...]
August 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային խորհրդարանական շարք մը կազմակերպութիւններուն մէջ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնները արդէն իսկ կազմուած են:
Ըստ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքի՝ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու միջխորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ԱԺ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սերոժ Աբրահամեանը («Օրինաց երկիր»), Իշխան Զաքարեան («Բարգաւաճ Հայաստան»), Վարդան Խաչատրեան («Ժառանգութիւն»), Կարէն Կարապետեանը (ՀՀԿ), Հրայր Կարապետեան (Հ.Յ.Դ.), [...]
August 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին, Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Ալպերթօ Կոնզալէս, որ քաղաքական նպատակներով դաշնակցային դատախազներ պաշտօնազրկելու, գործադիր իշխանութեանց լրտեսական իրաւասութիւնները ընդարձակելու, բանտարկեալներ չարչարելու արտօնութիւն շնորհելու եւ շարք մը այլ հարցերով արդէն իսկ վարկաբեկուած էր եւ կորսնցուցած էր նոյնիսկ հանրապետական ղեկավարներու աջակցութիւնը, յայտարարեց, թէ Սեպտեմբեր 17ին պիտի հեռանայ պաշտօնէն:
Այս յայտարարութիւնը կատարելու նպատակով կազմակերպուած մամլոյ [...]
August 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հոկտեմբեր 2007ին, Heyday Books հրատարակչատունէն, իր տեսակին մէջ աննախընթաց, լոյս պիտի տեսնէ ամերիկահայ անգլիագիր գրողներու ստեղծագործութիւններու Forgotten Bread հատորը, Տէյվիտ Քրտեանի (David Kherdian) խմբագրութեամբ:
Մեկնելով այս հրատարակութեան էականութենէն, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը յառաջացուց յատուկ յանձնախումբ մը՝ վարչական անդամներէն Մանիշակ Մարգարեանի եւ Լիւսի Տէր Եղիայեանի գլխաւորութեամբ:
Այս գիրքը մեր մշակութասէր հասարակութեան եւ «Համազգային»ի մեծ ընտանիքի [...]
August 27th, 2007
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա», «Արմէնփրէս».- 25 Օգոստոսին իր աշխատանքէն տուն վերադառնալու ընթացքին, իր տան մօտ անյայտ անձի մը կողմէ սպաննուած է Լոռիի մարզի դատախազ Ալպերթ Ղազարեան։ Ըստ Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան՝ Ա. Ղազարեանի վրայ արձակուած է 4 փամփուշտ։
Դէպքին վայրը մեկնած է քննչական խումբ մը՝ Հայաստանի ընդհանուր դատախազի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մնացական Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, կատարուած է դէպքի վայրի [...]
August 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 26ին, խանդավառ մթնոլորտի մէջ աւարտեցան Համահայկական 4րդ խաղերը Երեւանի մէջ կայացած փակման հանդիսութիւններով: Պասքէթպոլի, վոլիպոլի եւ գոց դաշտի ֆութպոլի մրցումներուն յաղթեցին Երեւանի խումբերը, իսկ ֆութպոլի ախոյեան հռչակուեցաւ Ստեփանակերտի խումբը:
Նուաճած մետալներու քանակով առաջատարը Երեւանի մարզիկներն էին՝ 36 ոսկի, 22 արծաթ եւ 19 պրոնզ մետալներով:
Խաղերու գեղեցկուհի ընտրուեցաւ Գայեանէ Թունեանը (Երեւան, [...]
August 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայ Դատի Յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը Օգոստոս 19ին, Սարգիս Արեւեանի բնակարանին մէջ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց, ի պատիւ նոր ընտրուած քոնկրէսական Լօրա Ռիչըրտսընի: Սարգիս Արեւեան Հայ Դատի Յանձնախումբի երկարամեայ զօրակցողներէն է, ինչպէս նաեւ անուանի Հ.Մ.Ը.Մ.ական:
Լօրա Ռիչըրտսընի ընտրաշրջանը կ’ընդգրկէ Լոնկ Պիչ եւ Քամփթըն քաղաքները, որոնք Ներկայացուցիչներու տան մէջ ներկայացուած էին Հուանիթա Միլանտըր-ՄքՏանըլտի կողմէ, որ մահացաւ անցնող [...]
August 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »