Home » October 31st, 2007Entries posted on “October, 2007”
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 31ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ նշուեցաւ մեծ գրող Աւետիք Իսահակեանի մահուան 50րդ տարելիցը:
«Կեանքի մայրամուտին մեծ գրողն իր ժողովրդին թողեց պատգամ եւ գրեց. «Աշխարհից հեռանալուց յետոյ մարդ պէտք է մտածի ոչ թէ ինչ-որ բան տանելու, այլ թողնելու մասին, մնացածն ունայնութիւն է»: Այսօր այդ պատգամով առաջնորդւում ենք», յիշատակի իր խօսքին մէջ նշեց [...]
October 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Հոկտեմբեր 26ի հրամանագիրներով, Արսէն Բաբայեան նշանակուած էր Երեւան քաղաքի Աւան եւ Նոր Նորք համայնքներու առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր, իսկ Արշակ Պետրոսեան՝ Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ համայնքներու առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր:
Հոկտեմբեր 31ին արդարադատութեան խորհուրդի նիստին, Քոչարեանի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ նորանշանակ դատաւորներու երդման արարողութիւնը:
Ստանձնելով դատաւորի պաշտօնը, անոնք երդուեցան [...]
October 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Անցնող Կիրակի, Ուոթըրթաունի (Մէսէչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երաժշտագէտ Յովհաննէս Սալիպեանի մահուան քառասունքի արարողութիւնը։
Սեպտեմբեր 20ին, Պըրլինկթընի (Մէսէչուսէց) Lahey Clinic-ին մէջ, իր հոգին աւանդած էր 68 տարեկան երաժշտագէտը։
Աւելի քան քառասուն տարի, ան երաժշտութեան աշխարհէն ներս ծառայած էր։ Սկսելով իր ծննդավայր Պէյրութէն, մինչեւ Երեւան, ապա Միացեալ Նահանգներ՝ Այոուա, Լոս Անճելըս եւ Պոսթըն։
Անոր առաջին [...]
October 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«Մաշտոց» քոլէճի կազմակերպութեամբ, հայրենի ականաւոր պատմաբան Արգամ Այվազեան Կիրակի, Նոյեմբեր 11ի երեկոյեան ժամը 6ին պիտի ներկայացնէ շահեկան դասախօսութիւն մը՝ Նախիջեւանի հայկական յուշակոթողներուն մասին:
Դասախօսութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի վաւերագրական ժապաւէն մը, որ մանրամասնութեամբ կը նկարագրէ, թէ Նախիջեւանի հայկական բազմադարեայ կոթողները ներկայիս ենթակայ են քանդումի եւ պղծումի:
Նախիջեւանը մինչեւ անցնող դարու վերջին շրջանները եղած է հայաբնակ: Այվազեան [...]
October 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, արհեստավարժ թենիսի Փարիզի «Մէսթըրզ» մակարդակի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 6-4, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց 14րդ դասուած սպանացի Քարլոս Մոյան, մէկ ժամ 33 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք։
Երրորդ հանգրուանին, Նալպանտեան պիտի ճակատի աշխարհի թիւ մէկ դասուած մարզիկ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերէրի կամ խրուաթ Իվօ Քարլովիչի դէմ:
Նկարին մէջ, [...]
October 31st, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Նոյն օրը, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները տեսակցեցան նաեւ Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի խորհրդարանի անդամ Ռանտի Հաուզի հետ եւ անոր յանձնեցին Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդութեան նախագիծը (Proposal for adopting study of Armenian Genocide as part of B.C. school studies curriculum), որ պատրաստուած է յանձնախումբի անդամներէն Արթիւր Թաշճեանի կողմէ:
Նախարար Հաուզ դիտել տուաւ, որ ինք մեծապէս կը գնահատէ [...]
October 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Իրավիճակը թուրք-իրաքեան սահմանին եւ թուրքական զօրքերի ներխուժման հեռանկարը հիւսիսային Իրաքի տարածք՝ Քրտական բանուորական կուսակցութեան (ՔԲԿ) գրոհայինների դէմ ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով, շարունակում է լարուածութեան մէջ պահել միջազգային հանրութեանը։
Հասկանալով, որ զինուած հակամարտութիւնը թուրքերի եւ քրտերի միջեւ կարող է լիովին դուրս գալ տեղական շրջանակներից ու վերաճել համաշխարհային դիմակայութեան՝ համաշխարհային բոլոր տէրութիւններն ու միջազգային կազմակերպութիւնները զսպուածութեան եւ [...]
October 31st, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաք Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին հանդիպում ունեցաւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, խորհրդակցելու համար պաղեստինեան բեմին վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին քննուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարուելիք Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան գործընթացը արագացնելու ջանքերը։
Եգիպտական «Մենա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ապպաս բացառեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան [...]
October 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, իսրայէլեան ուժերը անգամ մը եւս Կազա ներխուժելով սպաննեցին պաղեստինցի մը եւ վիրաւորեցին հինգ ուրիշներ, մինչ պաղեստինցիները Երեքշաբթի գիշեր սպաննուած «Համաս»ի անդամ չորս ոստիկանները հողին կը յանձնէին:
Միւս կողմէ, տեղի տալով միջազգային ճնշումին դիմաց, Իսրայէլի ընդհանուր դատախազը միջամտեց՝ առկախելու համար Կազային մատակարարուող ելեքտրականութեան ընդհատումը։ Իսրայէլ արդէն իսկ սկսած է վառելանիւթի մատակարարումը [...]
October 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Հոկտեմբեր 31ին նախագահ Քոչարեան անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին յայտնեց, որ մինչեւ 2008ի նախագահական ընտրութիւններ որեւէ վերջնական լուծում հնարաւոր չի համարեր եւ չի բաժներ նաեւ միջնորդներու լաւատեսութիւնը:
Այս առնչութեամբ ան յայտարարեց, որ «բանակցային գործընթացում որոշակի առաջընթաց կայ, բայց այդչափ լաւատես չեմ ենթադրելու համար, որ մինչեւ նախագահական ընտրութիւնները կարելի է յստակ արդիւնքների գալ: Բանակցային [...]
October 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, անդրադառնալով Հոկտեմբեր 26ի հանրահաւաքին նախկին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեանի ելոյթի ընթացքին անոր կատարած մեղադրանքներուն, յայտնեց. «Ցաւալի է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը չարութեամբ լցուած է փորձում վերադառնալ քաղաքականութիւն, հէնց այդ չարութիւնը ժամանակին կործանեց ՀՀՇն»:
Ըստ նախագահ Քոչարեանի, Լ. Տէր Պետրոսեանի խօսքի իմաստն էր՝ «Այն ժամանակ լաւ էր, հիմա՝ վատ: Կարծում եմ, [...]
October 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՎԱՆԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան պահեստի ֆոնտէն Լոռիի մարզին յատկացուած գումարներով, պիտի կառուցուի Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին նուիրուած յուշահամալիր եւ ճատրակի դպրոցի շէնք, նաեւ պիտի վերանորոգուին մարզային գրադարանը եւ մարզպետարանի շէնքը:
October 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Շաբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2007ին, Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը հանդիպում մը ունեցաւ երկրի ընկերային զարգացման նախարար Մոնթէ Սոլպէրկի եւ խորհրդարանի անդամ Ռանտի Քէմփի հետ, Փիթ Մէտոզ քաղաքին մէջ: Հայ Դատի Յանձնախումբը կը գլխաւորէր Վահէ Անտոնեան, ընկերակցութեամբ Ճորճիկ Շահնազարեանի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի, Վարուժան Պասմաճեանի եւ Արթիւր Թաշճեանի:
Հանդիպման ընթացքին քանատացի դիւանագէտները շեշտեցին, որ իրենք եւս, [...]
October 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հաւանաբար լաւատեսութեամբ դիտուի ցեղասպանութիւնները կանխելու մասին Մոնթրէալի մէջ վերջերս կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքը։ Խորհրդաժողովը կը նպատակադրէ քաղաքական շրջանակներու վրայ ճնշում բանեցնել՝ աւելի լուրջի առնելու համար աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները եւ, միեւնոյն ժամանակ, վերլուծել տագնապի ազդանշանները եւ բարձրացնել ցեղասպանութեան գիտակցութիւնը։
Այլապէս, ցեղասպանութեան ուղղութեամբ ընթացող բռնութիւններու զարգացումը կանխելու համար խորհրդաժողովը փորձեց յարմար միջոցները ուսումնասիրել։ Այս նպատակին [...]
October 31st, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին խստօրէն դատապարտեցին մէկ օր առաջ Լիբանանի «Մուսթաքպալ» հոսանքին ղեկավար Սաատ Հարիրիի այն յայտարարութիւնը, թէ Սուրիոյ զինուորական ուժերու գաղտնի սպասարկութեան պետ Ասէֆ Շաուքաթի գլխաւորութեամբ ծրագիր մը մշակուած է զինք եւ Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորան սպաննելու նպատակով:
Հարիրի շեշտեց, թէ այս ամբաստանութեանց մասին յստակ փաստեր գոյութիւն ունին, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ [...]
October 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, Լիբանանի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար զօր. Միշէլ Աուն Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ։
Ֆրանսական բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւրներ նկատել տուին, որ գլխաւորաբար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը քննելու նպատակով զօր. Աունի եւ Հարիրիի միջեւ կազմակերպուած հանդիպումը որոշուած էր կատարել Լիբանանի մէջ, սակայն [...]
October 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓՐՈՎԻՏԵՆՍ.- Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտենս քաղաքի Պրաուն համալսարանին մէջ անցեալ Ուրբաթ օր մարդկային իրաւանց երիտասարդ գործիչներ ցոյց մը կատարեցին, բողոքելու համար քոնկրէսական Ռապըրթ Ուեքսլըրի (Դ., Ֆլորիտա) թրքանպաստ կեցուածքին դէմ:
Քոնկրէսականը համալսարան կ’այցելէր Մ. Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի արտաքին յարաբերութեանց մասին դասախօսութիւն տալու համար: Լուրը հաղորդեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան տեղւոյն ուխտը:
Ուեքսլըր, որ Քոնկրէսէն ներս Թրքական [...]
October 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Ախ լեզուն, լեզուն, որ չըլլնի, մարդ ինչի նման կ’ըլնի: Ազգը պահողը, իրարու միացնողը լեզուն ա ու հաւատը: Լեզուդ փոխէ, հաւատդ ուրացիր, ալ ինչով կարաս ասել, թէ որ ազգից ես»:
Աբովեանի այն օրերու մտահոգութիւնը այսօր եւս մտահոգութիւն է: Այսօր ա՛լ աւելի, որովհետեւ իբրեւ ազգ մէկ աշխարհագրական տարածքի մէջ չենք պարփակուած, աշխարհասփիւռ ենք ու բազմաթիւ տեսանելի եւ [...]
October 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, Ազգային ժողովի վերահսկիչ պալատի նախագահի պաշտօնին համար նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի առաջարկէ ԱԺի փոխնախագահ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Իշխան Զաքարեանի թեկնածութիւնը:
Թէեւ ՎՊի նախագահի նշանակման ժամկէտը Նոյեմբեր 7ն է, սակայն այս հարցը պիտի քննուի Նոյեմբեր 2ի ԱԺ արտահերթ նիստին:
ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանը ստորագրած է որոշում մը, ըստ [...]
October 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը երէկ հաղորդեց, թէ ծերակուտականներ Ռապըրթ Պըրտ (Դ., Ուեսթ Վըրճինիա) եւ Կորտըն Սմիթ (Հ., Օրեկըն) Թուրքիան դրուատող բանաձեւ մը ներկայացուցած են Ծերակոյտին, որ կը միտի Թուրքիան գոհ պահել վերջերս ստեղծուած Ամերիկա-Թուրքիա լարուածութենէն ետք: Բանաձեւը ամբողջութեամբ կ’անտեսէ այս լարուածութեան տուն տուող պատճառները:
Բանաձեւին շեշտակիօրէն կ’ընդդիմանան ամերիկահայութիւնը եւ երկրի յոյն համայնքը:
Բանաձեւը, որ [...]
October 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՐՊԻԼ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Թուրքիա Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին շարունակեց Իրաք-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող Քրտական բանուորական կուսակցութեան դիրքեր ռմբակոծել, Իրաքի քիւրտ ղեկավարներէն Մասուտ Պարզանի յայտարարեց, թէ պիտի մերժէ քիւրտերուն դէմ քայլեր առնելու Անգարայի «հրահանգներ»ը։
Իրաքի քրտական շրջանի կառավարութեան նախագահ Պարզանի ցաւ յայտնեց, որ Անգարա կը մերժէ քիւրտ յեղափոխականներուն վերաբերեալ ուղղակի բանակցութիւն վարել։ Ան թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, [...]
October 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լոս Անճելըսի վարչութեան ատենապետուհի Մարիա Միհրանեանի այցելութիւնը։
Մ. Միհրանեան եկած էր առաջնորդ սրբազանին հաղորդելու ամիս մը ետք նախատեսուած թելեթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։ Ան յայտնեց, որ համաձայն տարիներու աւանդութեան, թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան տօնին օրը, Հինգշաբթի, 22 Նոյեմբերին, KCET [...]
October 31st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանին պէտք է այնպիսի նախագահ մը, որ պատասխանատու ըլլայ ոչ թէ ինչ-որ «թայֆայի», այլ զինք ընտրած ժողովուրդին առջեւ, եւ այսպիսի նախագահ կրնայ ըլլալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թեկնածուն, Արաբկիրի եւ Զէյթունի Հ.Յ.Դ. անդամներուն եւ համակիրներուն հետ Հոկտեմբեր 30ի հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ.ի կողմէ նախագահութեան թեկնածուներէն Վահան Յովհաննիսեան:
Սեփական թեկնածուով 2008ի նախագահական [...]
October 31st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՍԱՆԹՕ ՏՈՄԻՆԿՕ, Տոմինիքեան Հանրապետութիւն, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, Հիսփանիոլա կղզին հարուածած «Նոէլ» փոթորիկը, որ արդէն իսկ առնուազն 20 զոհ խլած էր մօտակայ կղզիներու մէջ, 48 զոհեր եւս խլեց եւ տեղահան ըրաւ տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ:
Յայտնենք, թէ Հայիթին եւ Տոմինքեան հանրապետութիւնը կը գտնուին Հիսփանիոլա կղզիին վրայ:
Նկարին մէջ, հայիթիցի քաղաքացիներ ողողուած շրջանէ մը կը հեռանան:
October 31st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 31ին Երեւանի Նոր Նորք համայնքի 7րդ զանգուածին մէջ բացումը կատարուեցաւ նշանառութեան մանկապատանեկան ողիմպիական մարզադպրոցին:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յատկացուցած շուրջ 580 միլիոն դրամով կառուցուած մարզադպրոցին մէջ կայ նշանառութեան երեք սրահ եւ մարզադահլիճ:
Մարզադպրոցի բացման արարողութեան մասնակցող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կառոյցի շինարարութիւնը գնահատեց իբրեւ լուրջ ձեռքբերում եւ նշեց, որ այս շէնքը 10րդն է [...]
October 31st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր». – Նոյեմբեր 5-6ին Եւրոխորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թերի Տէյվիս պիտի այցելէ Հայաստան: Այս մասին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ կապի վարչութեան պետի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան:
Այցելութեան ընթացքին Տէյվիս հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, պիտի քննէ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն առնչուող հարցեր:
October 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հրատարակութեան բնոյթը չէ, ոչ ալ ծաւալը, որ ընթացիկ տքնաջան գրախօսականի մը փորձութենէն հեռու պիտի պահէր անոր ներկայացման ձգտող ոեւէ գրիչ։
«Նիւթեր Հ.Յ.Դ. պատմութեան համար» շարքի այս Ե. հատորը, որուն երեւումը վերջին տարիները անհամբեր կը սպասէին պատմութեան եւ գիտա-գաղափարական ոլորտներու հետաքրքիր անձեր՝ շարքային պատմաբան, շարքային դաշնակցական թէ շարքային հայ, այս գործը, ուրեմն, որքա՛ն ալ արխիւանիւթերու ժողովածու [...]
October 30th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Պուլկարիա կատարած պաշտօնական այցի երկրորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 29ին, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան հանդիպում ունեցաւ Պուլկարիոյ իր պաշտօնակից Իվայլօ Քալֆինի հետ: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները կարեւոր համարեցին երկկողմանի տնտեսական գործակցութեան զարգացումը:
Նախարար Օսկանեան յատուկ նշեց Պուլկարիոյ հետ գործակցութիւնը ԵՄի հետ ստորագրուած գործողութիւններու ծրագիրի պարունակով, իսկ պուլկարական կողմը կարեւոր համարեց ԵՄի ծիրէն [...]
October 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 30ին ընդունեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերթիւքովը:
Կողմերը քննեցին երկու երկիրներու ռազմաարհեստագիտական գործակցութեան առնչուող հարցեր՝ գոհունակութիւն յայտնելով այդ բնագաւառին մէջ գործակցութեան մակարդակի եւ որակի առումով:
Նոյն օրը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումներ ունեցան նաեւ վարչապետ Սերժ Սարգսեան եւ պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան:
Երէկ [...]
October 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Եու.Փի.Այ.».- Իսրայէլի գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ղալէպ Մաժատլէ յայտնեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է Սուրիոյ վերադարձնել Կոլանի բարձունքները, խաղաղութեան փոխարէն:
Նախարարը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին փոխանցեց, որ հակառակ վերջերս յառաջացած լարուածութեան, «Սուրիա կը շարունակէ խաղաղութիւնը տեսնել իբրեւ ռազմավարական նպատակ, եւ Իսրայէլին աւելի մօտիկ է, քան Իրանի։ Նախագահ Պաշշար Ասատ շատ լաւ գիտէ, որ լուծումը շատ [...]
October 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Պոլսահայ բանաաստեղծ Զարեհ Խրախունին Սփիւռքի այն բանաստեղծներից է, որը համարւում է «առարկայական խորհրդապաշտութիւն» գրական շարժման անվիճելի առաջնորդ», Հոկտեմբեր 30ին այսպէս բնորոշեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին, անոր «Տօնազանգ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն ներկայացնելու ժամանակ:
Զ. Խրախունիի «Տօնազանգ» ժողովածուին մէջ ամփոփուած են 1964-2005 հրատարակուած բանաստեղծութիւններու 30 գիրքերը, բանաստեղծական երգերը, թարգմանութիւնները: «Ազգային [...]
October 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՌԱՈՒԱԼՓԻՆՏԻՆ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշշարաֆ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին մահափորձէ մը եւս խուսափեցաւ, երբ բանակային կեդրոնի մը մօտերը, ուր ան կը խորհրդակցէր զինուորական հրամանատարներու հետ, անձնասպանական յարձակումը մը տեղի ունեցաւ: Պայթումին հետեւանքով սպաննուեցան նաեւ երեք սպաներ ու չորս քաղաքայիններ:
Նկարին մէջ, փաքիստանցի ոստիկաններ փաստեր կ’որոնեն պայթումին վայրին մօտերը:
October 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ, ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, Եգիպտոս այցելող Լիբանանի «Մուսթաքպալ» հոսանքին ղեկավար Սաատ Հարիրի նախագահ Հոսնի Մուպարաքի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Լիբանանի գաղտնի սպասարկութիւնները կը հետախուզեն այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիոյ զինուորական ուժերու գաղտնի սպասարկութեան պետ Ասէֆ Շաուքաթի գլխաւորութեամբ ծրագիր մը մշակուած է, զինք եւ Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորան սպաննելու [...]
October 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՌԱՄԱԼԼԱ, ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, պաղեստինեան իշխանութեան աւագ բանագնաց Ահմատ Քուրէյ ազդարարեց, թէ պաղեստինեան իշխանութեան պատուիրակութիւնը կրնայ չմասնակցիլ Միացեալ Նահանգներու առաջադրած խաղաղութեան խորհրդաժողովին, եթէ Իսրայէլի իշխանութիւնները պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատման գծով յստակ ժամանակացոյց մը որոշելու գաղափարին ընդդիմանան:
«Իսրայէլի վարչապետը յայտարարած է, թէ պիտի չընդունի ժամանակացոյց մը, իսկ մենք կը յայտարարենք, թէ չենք ընդունիր [...]
October 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի եւ Հայաստան-Ֆրանսա առողջապահութեան գործակցութեան նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 1-2ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ-ֆրանսական սրտաբանական առաջին գիտաժողովը:
Գիտաժողովի հիմնական նպատակն է հայ, ֆրանսացի եւ այլ օտար բժիշկներու միջեւ շփման եւ գործակցութեան նոր եզրերու եւ կամուրջներու ստեղծումը, որուն շնորհիւ բժշկական տարատեսակ խնդիրներուն կը տրուին արդիւնաւէտ լուծումներ, կ’ապահովուի բժշկական [...]
October 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դիտարկման յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ, Նոյեմբեր 5ին Պերլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ սառեցուած հակամարտութիւններու վերաբերեալ համաժողով մը: Հայաստանի խորհրդարանէն այս համաժողովին պիտի մասնակցին ԵԽԽՎի մէջ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար, պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան եւ ԵԽԽՎ դիտարկման յանձնաժողովի անդամ, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ ԱԺ [...]
October 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հալէպի «Սահակեան» ազգային վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպութեամբ աննախընթաց ու պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 21, 2007ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն ներս, վարժարանի 80ամեակին նուիրուած պարահանդէսին: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Նաեւ իր ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէր «Սահակեան» վարժարանին վաստակաշատ ուսուցիչ եւ տնօրէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան։
Ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան [...]
October 30th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի յանձնաժողովներուն մէջ Հոկտեմբեր 30ին շարունակուեցան 2008ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումները, ուր ներկայացուեցան պետական, տեղական ինքնակառավարման եւ դատական մարմիններու 2008ի յատկացումները: Կը նախատեսուի զգալի չափով բարձրացնել պետական պաշտօնէութեան վճարումները:
Ըստ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Փաւէլ Սաֆարեանին, պետական կառավարման համակարգի պահպանման ծախսերու համար յատկացուած է 44.3 միլիառ դրամ, որ 400 միլիոն դրամով կը [...]
October 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ես Քաջ Վարդանն եմ, Համազասպ Մամիկոնեանի որդին: Մեծն Տիգրանի օրերէն ի վեր, մօտ 400 տարի, Հայաստանի թագաւորները մէկը միւսին ետեւէն, գէշ-աղէկ յաջորդեցին իրարու, մինչեւ որ հզօր Պարսկաստանի Յազկերտ Բ. թագաւորը Արշակունեաց վերջին Արտաշէս թագաւորը ծուղակի մէջ ձգելով, տապալեց զայն ու տիրապետեց, խոստանալով ինքնավարութի՜ւն տալ Հայաստանին: Անշուշտ, ըստ հայկական սովորութեան՝ հաւատացինք մեծխօսիկութեան:
Մինչդեռ խորամանկ Յազկերտ Բ. [...]
October 30th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Թիւ 106 բանաձեւին որդեգրման ճամբով Հայկական Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչում ապահովելու նպատակով տարուող աշխատանքները, վերջին շաբաթներուն, ներգրաւած են ամերիկեան այս ափերու ամբողջ հայութիւնը, իր հոգեւոր ու քաղաքային-քաղաքական առաջնորդներով եւ ներկայացուցիչներով։ Ամէնուրեք տեսակցութիւններ ու հաղորդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի անդամներու եւ ազդեցիկ այլ դէմքերու հետ, որպէսզի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած այս բանաձեւը հաստատուի [...]
October 30th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ այն իրողութեան, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատար մը միայն քանի մը օր առաջ յայտարարած էր, թէ ամերիկեան ուժերը «բացարձակապէս ոչին»չ պիտի ընեն զսպելու համար Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան յեղափոխականներուն գործունէութիւնը, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին դարձեալ կոչ ըրաւ Ուաշինկթընի, որ միանայ քիւրտերու դէմ պայքարին, ազդարարելով, թէ այլապէս երկկողմանի [...]
October 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ազգութեամբ հրեայ գրող եւ Նոպէլեան մրցանակակիր Էլի Ուիզել Ֆիլատելֆիա լոյս տեսնող հրէական Philadelphia Jewish Voice, թերթին (Հոկտեմբեր 28, 2007) տուած իր հարցազրոյցին մէջ կ’ակնարկէ Հայկական Ցեղասպանութեան, ընդգծելով, թէ ինք չի կրնար ուրանալ այդ փաստը՝ տրուած ըլլալով, որ ինք իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարած է ի խնդիր ճշմարտութեան:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ Թուրքիա արդեօք պատասխանատուութիւն պէտք [...]
October 30th, 2007
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ «կը տպաւորուէր, եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Հոկտեմբերի 26ի հանրահաւաքի իր ելոյթը սկսէր ինքնաքննադատութեամբ» եւ աւելցուց, թէ Հայաստանի մէջ կատարեալ իշխանափոխութիւն տեղի չունեցաւ:
«Այդ ելոյթը կարող էր ինչ-որ չափով համոզիչ լինել, եթէ ինքը (Տէր Պետրոսեանը) սկսէր իր իշխանութեան ժամանակաշրջանին գնահատական [...]
October 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9ին լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, Շահար Իլան կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներ այցելած Իսրայէլի խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը եւս ճնշում բանեցուցած է Ուաշինկթընի, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախուբին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին ներկայացումը յետաձգելու նպատակով:
Ըստ յօդուածագրին, բանաձեւին վաւերացումէն մէկ շաբաթ ետք Ուաշինկթըն [...]
October 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Խոստովանեմ, որ տխուր իրականութիւն է, երբ մի քիչ էլ շատ տարեց մէկը լինելով պէտք էր, որ ես գնայի մանուկ-դպրոցականների մօտ: Նոյնիսկ յիշում եմ, որ մէկ անգամ, բնականաբար վերստին մեր թերթի միջոցով հիացմունք եմ արտայայտել, բայց դուրս է գալիս, որ ինձ եմ սրտահովել: Սակայն ինչ էլ լինի, ուշացած զղջումն էլ մի բան արժի: Հասկանում եմ, որ [...]
October 30th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի բակին մէջ Հոկտեմբեր 27ի զոհերու յիշատակի յուշաքարին, Հոկտեմբեր 27ին ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Ազգային ժողովի ղեկավարութեան, նախարարներու, պատգամաւորներու եւ ԱԺ աշխատակազմի կողմէ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով ութ տարիներ առաջ Ազգային ժողովին մէջ կատարուած ողբերգութեան զոհերու յիշատակին:
Նոյն օրը, Հանրապետութեան հրապարակին կից այգիին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Սարգսեանի պրոնզաձոյլ կիսանդրիի բացման պաշտօնական արարողութիւնը: [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին սկսաւ Փարիզի «Մէսթըրզ» մակարդակի թենիսի մրցաշարքը: Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ շաբաթ մը առաջ տիրացած էր Մատրիտի «Մէսթըրզ»ի տիտղոսին՝ աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք աշխարհի թիւ 1 դասուած մարզիկ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերէրը, առաջին հանգրուանի իր մրցումին 6-4, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք սպանացի Նիքոլա Ալմակրոն, ապահովեց երկրորդ հանգրուանի տոմսը։
Բ. հանգրուանին Նալպանտեանի [...]
October 29th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՔՈԼՈՄՊԻԱ, Հարաւային Քարոլայնա, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին եօթը ուսանողներ զոհ գացին Հիւսիսային Քարոլայնայի ծովեզերեայ բնակարանի մը մէջ ծագած հրդեհի մը, որմէ վեց ուրիշներ կրցան ճողոպրիլ: Ըստ նախնական տուեալներու, Շաբաթէն Կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած հրդեհը արկածի մը հետեւանք էր:
Զոհերուն եւ վիրաւորուածներուն մեծ մասը Հարաւային Քարոլայնայի համալսարաններու ուսանողներ էին:
Նկարին մէջ, ածխացած բնակարանը:
October 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Եկող տարուայ Մարտի 1ին լրանում է Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան կարեւորագոյն հաստատութիւններից Երեւանի Փոլիթեքնիքական ինսթիթիւթի (1991թ. վերանուանուած Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարան-Փոլիթեքնիք) հիմնադրման 75ամեակը։
Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ յոբելեանը նշուելու է պետական մակարդակով։ Ուրախալի է, որ հանդիսութիւնների շարքն սկսւում է Սփիւռքում՝ հարաւային Քալիֆորնիայում, խորհրդանշելով Սփիւռքի եւ հայրենիքի հոգեկան կապի անխզելիութիւնը։
Սոյն թուի Նոյեմբեր 3ին Կլէնտէյլում ծրագրուած հանդիսութիւնը կազմակեպողներն [...]
October 29th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՔԱՈՒՆԱՍ, «Նոյեան Տապան».- Քաունասի (Լիթուանիա) մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլիստներու ախոյեանութեան զտումի խմբային մրցաշարքի Հոկտեմբեր 25ի վերջին մրցումին, Հայաստանի հաւաքականը 0-0 արդիւնքով հաւասարեցաւ Լեհաստանի կազմին հետ: Լիթուանիոյ, Հայաստանի եւ Լեհաստանի կազմերը ունին 5ական կէտ: 3 կօլ արձանագրող լիթուանացիները գրաւեցին առաջին դիրքը, իսկ 2 կօլով 2րդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի կազմը, որ նոյնպէս անցաւ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութեան 11րդ Գերագոյն ժողովի կայացրած՝ երկու փուլով նախագահի թեկնածու ընտրելու որոշման շրջանակներում Հոկտեմբերի 20ին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեանը եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը Վանաձորի թատրոնի դահլիճում հանդիպեցին կուսակցական ընկերների եւ համակիրների հետ:
«Վանաձորը ինձ համար թանկ է յատկապէս ժողովրդով, [...]
October 29th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Վատիկան Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին երանացուց 498 սպանցիներ՝ մեծամասնութեամբ կաթոլիկ կրօնականներ եւ մայրապետներ, որոնք Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին սպաննուած էին։ Զոհերուն մեծամասնութիւնը սպաննուած է 1936 թուականին, քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը, հանրապետական կառավարութեան հետեւորդ զինեալներու կողմէ։ Երանացման քայլը քննադատութեան արժանացաւ, որովհետեւ անիկա պատերազմին ընթացքին միայն մէկ կողմէն արձանագրուած զոհերը կը ճանչնայ։ Սակայն Վատիկան յայտնեց, որ այս [...]
October 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Հոկտեմբեր 27ին հանդիպում ունեցաւ Պաքուէն Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ եւ, ըստ նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանի, առանձնապէս հիմք չկայ խօսելու յառաջխաղացք արձանագրելու մասին:
Վլատիմիր Կարապետեան յայտարարեց. «Կայացած հանդիպումը հերթական էր, համանախագահները ջանում են մօտեցնել կողմերի դիրքորոշումները չհամաձայնեցուած հարցերի շուրջ»: Վլ. Կարապետեանի խօսքերով՝ գործընթացը կը [...]
October 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 29-30ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերթիւքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցի ընթացքին կը նախատեսուին հանդիպումներ նախագահ Ռ. Քոչարեանի, վարչապետ Ս. Սարգսեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Մ. Յարութիւնեանի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննուին զինուորական գործակցութեան հարցեր: Պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Հայաստանի ռուսական խարիսխներ:
October 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Հոկտեմբեր 29ին ընդունեց Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԴ) առաջին փոխնախագահ Վարել Ֆրիմէնը: Հանդիպման ընթացքին քննուեցան գործակցութեան ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն, Հայաստանի դրամատնային համակարգին առնչուող հարցեր:
Նախագահ Քոչարեան նշեց, որ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան հետ գործակցութիւնը արդիւնաւէտ կ’ընթանայ՝ ընձեռելով գործընկերութեան դաշտը ընդլայնելու նոր հնարաւորութիւններ:
Դրամատան առաջին փոխնախագահ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՇԻՔԱԿՕ, «Նոյեան Տապան».- Շիքակոյի մէջ կը շարունակուի բռնցքամարտի աշխարհի վարկանիշային ախոյեանութիւնը: Հոկտեմբեր 28ին Հայաստանի հաւաքականէն մրցումներ ունեցան Յովհաննէս Դանիէլեան (48 քիլոկրամ), Հրաչեայ Չաւախեան (60 քիլոկրամ) եւ Ցոլակ Անանիկեան (81 քիլոկրամ): Անոնք երեքն ալ յաղթեցին եւ անցան 1/8րդ աւարտական, ուր պիտի մասնակցին նաեւ Ազատ Յովհաննիսեան (54 քիլոկրամ) եւ Էտուարտ Համբարձումեան (64 քիլոկրամ):
Նշենք, որ 1/8րդ աւարտականին [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տղոց ճատրակի հաւաքականը սեւ մրցաքարերով 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ռումանիոյ հաւաքականին, Յունաստանի Հերակլիոն քաղաքին մէջ կազմակերպուած ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանութեան առաջին փուլին: Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Սմբատ Լպուտեան յաղթեցին, իսկ Վլատմիր Յակոբեան եւ Կարէն Ասրեան հաւասարեցան իրենց մրցակիցներուն հետ:
Մրցաշարքի 2րդ փուլին, Հայաստանի ճատրակիստները սպիտակ մրցաքարերով պիտի մրցին Ռուսիոյ հաւաքականին հետ:
Նոյն մրցաշարքին Հայաստանի իգական [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Համաշխարհային դրամատունը 10 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Երեւանի մէջ լուսացոյցներու եւ փոխադրութեան ցանցի ինքնաշխատ կառավարման նոր համակարգերու տեղադրման համար: Այս մասին Հոկտեմբեր 29ի ասուլիսին յայտնեց «Երեւանթրանս»ի տնօրէն Կարէն Եդիգարեան:
Ան նշեց նաեւ, որ այժմ Համաշխարհային դրամատան մասնագէտները, հաշուի առնելով միջազգային փորձառութիւնը, կը կատարեն ուսումնասիրութիւններ, որոնք պիտի աւարտին 2008ի Փետրուարին, եւ այդ ուսումնասիրութիւններու [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի մեծագոյն բարեկարգչական կուսակցութիւնը քննադատեց նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի վարած քաղաքականութիւնը՝ յայտնելով, որ ան միջազգային յաւելեալ պատժամիջոցներու առջեւ դուռ կը բանայ:
Իրանեան իսլամական մասնակցութեան ճակատի ընդհանուր քարտուղար Մոհսէն Միրտամատի զգուշացուց, թէ նախագահին «ինքնագովութեան եւ յանկարծակի եւ լաւ չմտածուած որոշումները» կրնան պատճառ դառնալ «նոր պատժամիջոցներու եւ մինչեւ իսկ աւելի վտանգաւոր քայլերու»։
Միրտամատի նաեւ քննադատեց «անմիտ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակութեան հարցով Թուրքիա-Իրաք բանակցութեանց ձախողութենէն քանի մը օր ետք, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին յայտարարեց, թէ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն մը «աղէտալի հետեւանքներ» պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին համար, մինչ թրքական ուժերը Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ քիւրտ յեղափոխականերուն դէմ իրենց յարձակումները կը սաստկացնէին:
Զեպարի նաեւ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Պաղտատէն հիւսի գտնուող Պաքուպայի մէջ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին տեղի ունեցած անձնասպանական արարքի մը հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն 30 հոգի, մեածամասնութեամբ՝ ոստիկաններ կամ ոստիկանութեան անդամագրուելու կեդրոնին մէջ գտնուող քաղաքայիններ:
Յայտնենք, թէ Կիրակի օր հիւսիսային Իրաքի Քէրքուք քաղաքի մէջ այլ անձնասպանական յարձակում մը ութ զոհ խլած էր:
October 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Լեւան Թարխնիշւիլի եւ ԿԸՅ անդամ Գէորգի Արեշիծէ Հոկտեմբեր 26ին այցելեցին Սամցխէ-Չաւախք:
Ախալքալաքի մէջ անոնք հանդիպում ունեցան շրջանի ընտրական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ՝ ընտրողներու ցուցակները ստուգելու նպատակով:
Լեւան Թարխնիշւիլին նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ տեղւոյն բնակչութեան հետ եւ անոնց ծանօթացուց ընտրական իրաւունքները:
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Հոկտեմբեր 22ին Պատերազմի եւ խաղաղութեան լուսաբանման հաստատութիւնը կազմակերպած էր Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի լրագրողներու այցելութիւն Սամցխէ-Չաւախք:
Տասնեակէ մը աւելի լրագրողներու պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 24ին Ախալքալաքի մէջ հանդիպեցաւ Սամցխէ-Չաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք ամէնէն աւելի շահագրգռուած էին շրջանէն ներս հայոց լեզուի կարգավիճակով: «Ակունք» միութեան նախագահ Մելս Թորոսեան եւ «Վիրք» կուսակցութեան համանախագահ Դաւիթ Ռստակեան [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 25-28ին Չաւախք այցելեց մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Արթուր Պօղոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին բուհերու ուսանողական խորհուրդներու, երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երգիչներ: Այցելութեան նպատակն էր նպաստել Չաւախքի մշակութային կեանքի աշխուժացումին, Հայաստանի եւ Չաւախքի երիտասարդներուն միջեւ կապերու եւ գործակցութեան ամրապնդումին:
Այցի ընթացքին երիտասարդ կամաւորներու ուժերով կատարուեցան Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան Կիրակի, Հոկտեմբեր 29ին զգուշացուց, որ Թուրքիա կրնայ հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ յարձակում գործել։ Սակայն ան ձախողեցաւ այդպիսի քայլի մը համար իրանեան զօրակցութիւն ապահովելէ։
Թեհրանի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիի հետ հանդիպումէ մը ետք Պապաճան ըսաւ. «Տարբեր միջոցներ ունինք։ Կրնանք դիւանագիտութիւն օգտագործել կամ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հոկտեմբեր ամիսը ընդհանրապէս յատկանշուած է հայ մշակոյթին նուիրուած եկեղեցական ու աշխարհիկ տօնախմբութիւններով, նուիրուած՝ հայոց գիրի գիւտարար Ս. Սահակի, Ս. Մեսրոպի, ինչպէս նաեւ Ոսկեդարը կերտող Վռամշապուհ արքայի եւ թարգմանիչ վարդապետներու սերունդին, որոնք կերտեցին մեր ազգային ինքնութիւնը եւ եղան մտքի լուսաւորիչներ։
Թարգմանչաց սերունդին ժառանգութիւնն ու պանծալի յիշատակը Կիրակի, 21 Հոկտեմբեր 2007ին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին հաղորդեցին, թէ ձերբակալուած են Պաքուի ամերիկեան դեսպանատան վրայ յարձակում մը ծրագրող իսլամ ծայրայեղականներու խմբակի մը անդամներ: Անոնցմէ մէկը դասալիք եղած ատրպէյճանցի սպայ մըն է:
Ըստ ապահովական աղբիւրներու, ամբաստանեալներուն քովէն գտնուած են չորս գնդացիրներ, հրթիռարձակ մը եւ 20 հրթիռներ:
Երկուշաբթի օր Պաքուի ամերիկեան դեսպանատունը իր գործունէութիւնը սահմանափակեց, մինչ Բրիտանիոյ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 26ին ընդունեց բարերարներ Ճէյմս Թուֆէնքեանը եւ Լեւոն Հայրապետեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան բարերարներուն կողմէ Արցախի մէջ գործադրուելիք զանազան ծրագիրներու կապուած հարցեր:
Հանդիպման աւարտին, Բակօ Սահակեան բարձր գնահատեց Արցախի մէջ շարք մը ընկերային-տնտեսական եւ մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման գծով բարերարներուն ջանքերը:
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 28ին այցելեց Արցախի պատմաերկրագիտական թանգարան: Նախագահին կ’ուղեկցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նորեկ Գասպարեանը:
Բ. Սահակեան եւ իր ուղեկիցները ծանօթացան թանգարանի ցուցանմոյշներուն, ուր արտացոլուած է Արցախի պատմութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Թանգարանի տնօրէն Մելանիա Բալայեան ներկայացուց նաեւ թանգարանի շէնքի խնդիրը, որ տարիներ շարունակ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Ռոյթըրզ».- «Հարաւի Քլինթըններ»ը կոչուող Արժանթինի առաջին ամոլը՝ նախագահ Նեսթոր Քիրչնըր եւ անոր կինը՝ Քրիսթինա Ֆերնանտէզ, դիրքերու փոքր փոփոխութիւն մը պիտի կատարեն, Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին կայացած նախագահական ընտրութիւններէն ետք:
Արժանթինի առաջին կինը կրցաւ քուէներու հսկայ տարբերութեամբ մը նախագահ ընտրուիլ, մեծ մասամբ շնորհիւ իր ամուսնոյն տնտեսական քաղաքականութեան ապահոված յաջողութեանց, որու արդիւնքով ան պիտի ստանձնէ երկրին [...]
October 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի յանձնաժողովներուն մէջ, Հոկտեմբեր 29ին սկսան 2008ի պետական ամավարկի մասին օրէնքի նախագիծի քննարկումները:
Նախագիծը ներկայացնող ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեան նշեց, որ նախագիծի մշակումը կատարուած է չքաւորութեան յաղթահարման ռազմավարական ծրագիրով սահմանուած երկարաժամկէտ եւ ռազմավարական հիմքի վրայ կազմուած կառավարութեան 2008-2010ի պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրի հիման վրայ:
Նախագիծով կ’առաջարկուի 2008ի պետական ամավարկը հաստատել [...]
October 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յառաջիկայ հանդիպումը, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի հովանավորութեամբ, պիտի կայանայ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1ի երեկոյեան ժամը 7-9, գրադարանի սրահին մէջ, 222 East Harvard St, Glendale CA 91205։
Երաժշտագէտ, երգահան, գրող Հենրիկ Անասեանի ծննդեան 70ամեակի եւ երաժշտական ու գրական ստեղծագործական 50ամեակի յոբելեանի առիթով, պիտի կատարուի խմբավարին նոր հրատարակած «Վերջին հեքիաթը» գիրքի ողջունահանդէսը: Գրական զեկուցում պիտի [...]
October 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
2007 Յունուար 1ին լրացաւ ֆրանսահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչ, հայ արդի նկարչութեան կարկառուն դէմքերէն Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան) ծննդեան 100ամեակը: Այս առիթով, Լա Քանիատայի մէջ տասնամեակէ ի վեր գործող «Սթեֆընիզ» ցուցասրահի տնօրէնուհին՝ Լինտա Ստեփանեան, Գառզուին զաւկին՝ ֆրանսաբնակ Ժան Մարի Գառզուի աջակցութեամբ կազմակերպած է նկարիչի գեղանկարներու ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2007ին, կէսօրէ յետոյ ժամը [...]
October 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթի Հոկտեմբեր 15ի համարին մէջ լոյս տեսած էր լրագրող Ֆրէտ Հայաթի հեղինակած յօդուածը Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկման վերաբերեալ, ուր ան կոչ ըրած էր ԱՄՆ Քոնկրէսին եւ Սփիւռքին՝ բանաձեւի ընդունման փոխարէն ճիգ թափել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան անբաւարար վիճակը (լրագրողի մեկնաբանութեամբ) սրբագրելու ուղղութեամբ, քանի որ, ըստ իրեն, Հայաստան այդ առումով ետ կը մնայ [...]
October 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 24ին ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿին Հայաստանի անդամակցութեան եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն ներկայացուցչութեան հիմնադրման 15ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ ՄԱԿի դրօշակի պաշտօնական արարողութիւն:
Արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող Քոնսուէլօ Վիտալ նշեց, որ 1992էն ի վեր ՄԱԿը միշտ սատարած է Հայաստանին՝ [...]
October 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ֆրեզնոյի հայկական մշակութային ընկերակցութեան կազմակերպած «Փրփուր» հայկական փառատօնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 20, 21 եւ 22 օրերուն ընթացքին, հայկական ծերանոցին ընդարձակ ծառաստանին մէջ:
Հակառակ մթնոլորտի աննպաստ պայմաններուն, որոտումի, փայլատակումի եւ տեղատարափ անձրեւին, Ուրբաթ երեկոյեան Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ընկեր-ընկերուհիները, արհամարհելով մթնոլորտի այդ վատ պայմանները, Լոս Անճելըսէն, Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ այլ վայրերէն փութացած էին Ֆրեզնոյի «Ասպարէզ» ակումբը, ներկայ [...]
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Օգոստոսի սկիզբը աւստրալիացի հետազօտողներ յայտնած են, որ գտած են դարմանումի նոր ձեւ մը, որուն միջոցով շատ հաւանաբար կարելի ըլլայ անդամահատումէ փրկել հարիւր հազարաւոր շաքարախտաւորներու ոտքերը, որոնց երակներուն մէջ համեմատաբար մեծ յաճախականութեամբ չորացում կը յառաջանայ:
Նշեալ դարմանումին մէջ արիւնը զօրաւոր ճնշումով մղուած է դէպի ոտքերուն ծայրամասերը գտնուող երակներուն մէջ, որոնք ժամանակի ընթացքին արեան անկանոն շրջագայութեան պատճառով [...]
October 26th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՖԻՖԱի հրապարակած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նորագոյն դասաւորուման մէջ, այս տարուան ընթացքին վեցերորդ անգամ ըլլալով, առաջին դիրքը գրաւող խումբը փոխուեցաւ: Արդարեւ, Արժանթին մէկ դիրքի ոստում արձանագրելով Իտալիայէն խլեց առաջին դիրքը, իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Պրազիլ:
Արժանթին եւ Պրազիլ մէկական դիրքի ոստում արձանագրեցին՝ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած 2010ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն իրենց [...]
October 26th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ եւ ֆրանսական հնագիտական արշաւախումբերը Արարատեան դաշտի՝ Առատաշէն գիւղի մօտերը, պեղումներու ժամանակ յայտնաբերած են Կովկասի ամենահին բնակատեղիները, որոնք կը վերագրուին 7րդ հազարամեակի վերջին:
Այս մասին յայտնեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Փաւէլ Աւետիսեան եւ նշեց, որ «այս յայտնագործութիւնները կտրուկ փոխում են մեր պատկերացումները տարածաշրջանում հասարակական զարգացումների, ընկերային-տնտեսական յարաբերութիւնների մասին»:
October 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, Հայաստանի Հանրային Ձայնասփիւռ.- Արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեան կը մասնակցի Սպանիոյ Լանսարոթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ԵԽ անդամ երկիրներու արդարադատութեան նախարարներու 28րդ համաժողովին:
Ըստ նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Լանա Մշեցեանի, նախարար Դանիէլեան ընտրուած է համաժողովի փոխնախագահ:
Համաժողովի նախագահ ընտրուած է Սպանիոյի արդարադատութեան նախարարը, իսկ երկրորդ փոխնախագահ՝ Պուլկարիոյ արդարադատութեան նախարարը:
Համաժողովին պիտի քննուին գաղթականներու եւ կեցութեան վայր [...]
October 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին, կ.ե. ժամը 3-5, Էնսինոյի «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ (5300 White Oak Ave.), տեղի պիտի ունենայ The Fatal Night հատորի ներկայացումը: Ցեղասպանութեան մատենաշարի երկրորդ հրատարակութիւնը հանդիսացող հատորը վերապրող Միքայէլ Շամտանճեանի վկայութիւններն են, անգլերէնի թարգմանուած Իշխան Ճինպաշեանի կողմէ: Հատորին հրատարակիչներն են Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեանները:
Գիրքին ներկայացումը կը հովանաւորեն Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէն [...]
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԻՄԱՄՏԷՐԻ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին, հիւսիսային Փաքիստանի Սուաթ հովիտին մէջ հաստատուած իսլամ ծայրայեղական զինեալներու դէմ պայքարելու համար նոր ժամանած փաքիստանցի զինուորներ, ռազմական ուղղաթիռներու օժանդակութեամբ ընդհարումներ ունեցան զինեալներուն հետ, սպաննելով անոնցմէ առնուազն երեքը:
Հիվիտը կեդրոնատեղին դարձած է իսլամ ղեկավար Մաուլանա Ֆազլուլլայի հետեւորդներուն, որոնք «Թալեպան»ի գաղափարակիցներ կը նկատուին:
Անոնք ստանձնեցին Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած անձնասպանական արարքը, [...]
October 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթի բնակարանը այցելեց պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, երկու շաբաթը անգամ մը տեղի ունեցող հանդիպումներու ծիրէն ներս, փորձելով Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի խորհրդաժողովէն առաջ մթնոլորտը բարելաւել:
Սակայն, հանդիպումէն մէկ օր առաջ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք Կազայէն հրթիռարձակումները դադրեցնելու նպատակով վաւերացուցած է Կազայի [...]
October 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
26 Նոյեմբեր 1900ին Լիլի մէջ ֆրանսացի ընկերվարական ղեկավար Ժիւլ Կիւեստէ կ՚աշխատէր հակառակ կողմին քայլերը վերծանելու. «Իրենք զիրենք բաժնեցին յառաջդիմական պուրժուականութեան եւ հանրապետական պուրժուականութեան, կղերական պուրժուականութեան եւ ազատամիտ պուրժուականութեան, եւ այլ ձեւով, որպէսզի անոնցմէ պարտուած թեւը կարենայ միշտ փոխարինուիլ իշխանութեան մէջ նոյն դասակարգին պատկանող եւ նոյնպէս մեզի թշնամի այլ թեւով մը։ Չուրը պահող միջնորմներով նաւակն է, [...]
October 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ազատութեան» հրապարակին վրայ Հոկտեմբեր 26ին ընդդիմադիր ուժերու հրաւիրած հանրահաւաքի ընթացքին, Լեւոն Տէր Պետրոսեան մօտաւորապէս երկու ժամնոց իր եոյթի ընթացքին յայտարարեց, որ 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: «Այս պահից ես ինձ յայտարարում եմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու», ըսաւ ան:
October 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, այս տարեշրջանին, շուրջ 20,000 տոլարի գումար մը յատկացուց ՀՕՄի «Երեմեան» ուսանողական ֆոնտին 20 երկիրներէ դիմում կատարած, 10 զանազան երկիրներու մէջ ուսանող արժանաւոր հայ համալսարանականներու։
Հետեւեալ ուսանողները, 2007-2008 ակադեմական տարեշրջանին համար, «Երեմեան» կրթաթոշակի արժանացան.- Լիզա Բաղոյեան (Արեւմտեան ԱՄՆ), Գրիգոր Օ. Պագլաւաճեան (Պուլկարիա), Հրակ Պէրպէրեան (Յունաստան), Սիփան Չորոխեան (Հայաստան), Հայկ Յովսէփեան (Արցախ), [...]
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստան Հոկտեմբեր 28ին պիտի անցնի ձմեռնային ժամանակի եւ այդ օր, առաւօտեան ժամը 3ին, ժամացոյցի սլաքները մէկ ժամ ետ պիտի տարուին:
October 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա այցի երկրորդ օրը սկսաւ «Ալքաթէլ» ընկերութեան նախագահ Սերժ Չուրուքի հետ հանդիպումով: Քննարկման գլխաւոր թեման եղաւ «Ալքաթէլ» ընկերութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Չուրուք պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ յաւելեալ ներդրումներ ընելու:
Նոյն օրը՝ Հոկտեմբեր 25ին, վարչապետ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիոնի հետ: Վերջինը գոհունակութեամբ մատնանշեց հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւնները՝ զանոնք որակելով [...]
October 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Համազգային»ի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 5ին, հանրային զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ: Հայ լեզուի տարուան նուիրուած զրոյցին պիտի մասնակցին հայ լեզուի եւ գրականութեան մշակներ: Փասատինայի Հայ կեդրոնի հասցէն է՝ 740 E. Washington Blvd.: Մուտք ազատ է:
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Բացայայտ էր, երբ տակաւին «Գոհար» նուագախումբէն եւ երգչախումբէն ոեւէ անդամ ոտք չէր դրած «Կիպսըն» ամփիթատրոնին բեմահարթակին վրայ, ուր շուտով տեղի պիտի ունենար բացառիկ երեկոյթ մը: Բեմին առաջամասը ծածկուած էր ծաղկազարդ երկու սիւներուն վրայ ցոլացող ԳՈՀԱՐ տառերով, երբ բեմին վրայ իրենց տեղերը ամբողջութեամբ գրաւած էին մասնակցողները:
Արդէն տեղաւորուած, առաջին ելոյթ ունեցողն էր Համլէթ Չոպանեան, որ ոչ [...]
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Դարձեալ Նափոլիի մէջ, տեղի ունեցող «Երկխօսութիւններ կրօններու եւ մշակոյթներու» խորագիրը կրող 21-23 Հոկտեմբեր 2007ին տեղի ունեցող համագումարի աշխատանքներուն առընթեր, Արամ Ա. կաթողիկոս ունեցաւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ:
Այսպէս, վեհափառ հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Քէնթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռոուըն Ուլեըմզի հետ, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Անթիլիաս այցելած էր: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան միջ-եկեղեցական հարցեր, եւ յատկապէս Անկլիքան [...]
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հետաքրքրութիւնը առհասարակ ժխտական իմաստով կը ներկայացուի: Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն արտայայտութիւններն ալ այս արմատը ունեցող բառին թեթեւ տարբերութիւն մը ունին իրարմէ: Ոմանք սխալ կերպով ալ կը գործածեն բառը, կարծելով, թէ աւելի մաքուր հայերէն կը խօսին: Այսպէս, արեւելահայ խօսակցական լեզուին մէջ «հետաքրքիր» բառը երեւոյթի մը «հետաքրքրական» ըլլալը կը մատնանշէ, կամ անհատի մը տարօրինակ ըլլալուն մասին արտայայտութեան ձեւ [...]
October 26th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեանը Հոկտեմբեր 26ի խորհրդարանական ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարեց, թէ Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը ներկայացուած ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութեան բոլոր կէտերուն համաձայն չէ:
Ան նշեց, որ սա է հիմնական պատճառը, որ Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը չէ միացած այդ փաթեթին, զոր ներկայացուցած են ՀՀԿը եւ «Բարգաւաճ Հայաստանը»։ Ըստ Հ. Կարապետեանի՝ Դաշնակցութիւնը նաեւ նամակով դիմած է բոլոր [...]
October 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հալոուին չէր, Կաղանդ չէր, Ծնունդ չէր եւ ո՛չ ալ Զատիկ։ Հոկտեմբեր տասն էր, օր մը՝ տարբեր բոլոր օրերէն։ Այդ օր, մեր դպրոցի բոլոր ուսուցիչները մէկ նիւթ ունէին, մէկ մտահոգութիւն ու մէկ հարցում. «Կը կարծե՞ս, որ պիտի յաջողինք…»
Իւրաքանչիւրը իր դասարանի համակարգիչին պաստառին դիմաց նստած, շուրջը հաւաքած իր աշակերտները, անպատմելի լարուածութեամբ ու ջղագրգռութեամբ կը հետեւէր Միացեալ [...]
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկահայեր եւ մարդկային իրաւանց զօրակցողներ ժողովրդային հաւաքներ պիտի կազմակերպեն Ամերիկայի հայաշատ քաղաքներուն մէջ՝ յառաջիկայ Նոյեմբեր 4ին, ի նպաստ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող թիւ 106 բանաձեւին, պահանջելով անոր որդեգրումը Ներկայացուցիչներու տան կողմէ:
Հաւաքներ պիտի կազմակերպուին Լոս Անճելըսի, Ֆինիքսի, Հիւսթընի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, եւ կ’ակնկալուի հազարաւոր ամերիկահայերու մասնակցութիւնը:
Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք [...]
October 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը պատրաստուի չորրորդ նախագահական ընտրութեան: Ժողովրդավարութիւն է. մէկէ աւելի թեկնածուներ պիտի ըլլան: Նախագահը կ’ընտրուի ուղղակի եւ ընդհանուր քուէարկութեամբ: Անցնող տասնվեց տարիներու փորձը ցոյց տուաւ, որ քուէակութիւններու արդիւնքները ոչ ամբողջովին թափանցիկ էին եւ ոչ ամբողջովին արդար, այսինքն՝ ժողովուրդի կամքին այս կամ այն ձեւով տէր դարձողներ եղան: Եթէ այսպէս կարելի է ըսել, կիսաժողովրդավար հունի մը [...]
October 26th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին անջրպետ արձակեց իր առաջին արբանեակը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ լուսինը հետախուզել։ «Չանկ-1» կոչուած արբանեակը թռիչք առաւ Չինաստանի հարաւ-արեւմտեան Սիչուան նահանգի Զիչանկ կեդրոնէն։
Մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ ասիկա հիմնական քայլ մըն է մինչեւ 2020 թուական մարդ մը լուսին ուղարկելու Չինաստանի ծրագիրին մէջ։ Չինաստան Ճափոնի եւ Հնդկաստանի հետ մրցակցութեան մէջ է այս [...]
October 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ իրաքցի պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցող Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ’ընէր Պաղտատի, որ ձերբակալէ եւ Անգարայի յանձնէ հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարները, հիւսիսային Իրաքի մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան հրամանատար մը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին յայտարարեց, թէ ամերիկեան ուժերը «բացարձակապէս ոչին»չ պիտի ընեն զսպելու համար քիւրտ յեղափոխականները:
Փենթակոնի լրագրողներուն հետ արբանեակային մամլոյ ասուլիսի [...]
October 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիի պատմութիւնը արխիւագրող VirtualAni.org կայքէջին մէջ լոյս տեսած փաստերու համաձայն, թուրքեր կը շարունակեն քանդել ու բռնութեանց ենթարկել Անին, գանձ ու ոսկի գտնելու պատճառով:
Կայքէջի խմբագիրը կը յայտնէ, որ 1980էն 1990 թուականներուն, երբ Անիի մնացորդացին ամբողջ պաշտպանութիւնը թրքական բանակին յանձնուած էր, գանձախոյզներ նուազ վնաս կը հասցնէին երբեմնի հրաշակերտ քաղաքին աւերակներուն, որովհետեւ անոնց մուտքը արգիլուած [...]
October 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՆԱՓՈԼԻ.- Երկուշաբթի առաւօտ, 22 Հոկտեմբեր 2007ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, նախապէս կատարուած յատուկ կարգադրութեան համաձայն, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ գտնուող իտալական կաթոլիկ եկեղեցին, որ կը կրէ Հայոց Ս. Գրիգոր եկեղեցի անունը: Յայտնենք, որ աւանդութեան համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի գանկը կը գտնուի սոյն եկեղեցւոյ մէջ, եւ ճիշդ անոր համար եկեղեցին եւ անոր կից [...]
October 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »