Home » November 30th, 2007Entries posted on “November, 2007”
ՆԵՐԿԱՅԱՑՒՈՒՄ Է ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԻ ԱՆԴԱՄ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ԵՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ ԿԱՏԱՐՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՄԲԻՆ
Հարաւային Վրաստանի հասարակական կազմակերպութիւնների, շրջանային մունիցիպալիտետների եւ Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորների, հանրակրթական դպրոցների տնօրէնների եւ հոգաբարձուների խորհուրդների նախագահների եւ այլ պաշտօնատար անձանց կողմից:
November 30th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՖԻՖԱն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր դասաւորումը, ուր առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը՝ Արժանթին, Պրազիլ եւ Իտալիա, յաջորդաբար երկրորդ ամիսը ըլլալով մնացին իրենց դիրքերուն վրայ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ անցեալ ամիս կը գրաւէր 82րդ դիրքը, նահանջեց 90րդ դիրք:
«Եուէֆա»ին մաս կազմող 53 երկիրներուն շարքին այժմ Հայաստան կը գրաւէ 41րդ դիրքը:
Այս ամսուան դասաւորման [...]
November 30th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկայի պետական փոխքարտուղար Նիքլըս Պըրնզ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման կապակցութեամբ վստահութիւն յայտնեց, Մատրիտի մէջ տեսակցութիւն ունենալով լրագրողներու հետ:
Պըրնզ նշեց, որ «ԱՄՆը ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ աշխոյժ գործունէութիւն կը տանի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ծիրէն ներս»:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ Մինսքի խումբի համանախագահներու հանդիպումին, Պըրնզ ըսաւ, թէ «այդ շատ կարեւոր [...]
November 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէներէս».- Մատրիտի մէջ ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցող Հայաստանի ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ նախագահ Միշէլ Քալմի Ռէյի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-զուիցերական երկկողմանի յարաբերութիւնները, անդրադարձան տարածաշրջանային խնդիրներուն, հարեւաններու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն եւ ԼՂ հարցի գործընթացին: Հիւրի խնդրանքով, Վ. Օսկանեան ներկայացուց նախագահական ընտրութիւններէն առաջ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը:
Օսկանեան տեսակցեցաւ նաեւ [...]
November 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին երէկ, 2008ի Փետրուար 19ի նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ թեկնածու առաջադրման փաստաթուղթեր ներկայացուցած են ՀՀ վարչապետ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ «Ազգային ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութեան նախագահ Վազգէն Մանուկեան:
Երկու թեկնածուներն ալ առաջադրուած են իրենց ղեկավարած կուսակցութիւններու կողմէ: ԿԸՅ արդէն նախագահութեան թեկնածուներու չորս դիմումնագիր ներկայացուած է՝ Ս. Սարգսեան, Վ. Մանուկեան, ՀՀՇի [...]
November 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30ին, Թուրքիոյ հարաւարեւմտեան շրջաններուն մէջ ճամբորդատար փոքր օդանաւ մը ջախջախուեցաւ, որու հետեւանքով մահացան անոր մէջ գտնուող 50 ճամբորդները եւ անձնակազմի եօթը անդամները: Միջադէպը տեղի ունեցաւ լեռնային շրջանի մը մէջ եւ ցարդ յայտնի չէ Պոլիսէն ճամբայ ելած օդանաւին ջախջախուելուն պատճառը:
Չախջախուած օդանաւը «MD-83» տիպի էր:
Նկարին մէջ, փրկարար ջոկատի մը անդամները ջախջախուած [...]
November 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30ին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ընդդիմադիր ղեկավարներէն, «Այլ Ռուսիա» կուսակցութեան ղեկավար եւ ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան Կարի Գասպարով յայտարարեց, թէ Կիրակի օր կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը արդէն իսկ որոշուած է եւ «խեղկատակութիւն» որակեց զանոնք:
Գասպարով անցնող շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ցոյցի մը ընթացքին ձերբակալուած էր։ Շարք մը այլ ընդդիմադիը ղեկավարներու նման, [...]
November 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ».- Լիբանանի խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութեան ծիրին մէջ համախոհութեան գոյացման համար յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու նպատակով, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգած է:
Նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ին, այն յոյսով, որ մինչեւ այդ թուականը կարելի կ’ըլլայ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, որու [...]
November 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՔՈՅ ՍԱՆՃԱՔ, Իրաք, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտալլա Օչալանի եղբայրը՝ Օսման, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ հիւսիսային Իրաք ապաստանած քիւրտ յեղափոխականները սկսած են Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջանները վերադառնալ, «բեռ չըլլալու համար» հիւսիսային Իրաքի քրտական կառավարութեան վրայ:
Քիւրտ յեղափոխականներու հարցը լարուածութիւն ստեղծած է մէկ կողմէ Թուրքիոյ, իսկ [...]
November 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՐԱԶԻԼԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Աշխարհի տարածքին ապրուստի ամենալաւ պայմանները ունեցող երկիրներու իր տարեկան ցանկին մէջ, ՄԱԿը այս տարի Իսլանտան նկատած է լաւագոյնը, որ առաջ անցած է անցեալ տարուան առաջատար Նորվեկիայէն:
ՄԱԿի Մարդկային զարգացման ցուցակին հակառակ կողմը կը գրաւեն ընդհանրապէս ափրիկեան երկիրներ:
Ցուցակին մէջ 3-5 դիրքերը կը գրաւեն յաջորդաբար Աւստրալիա, Քանատա եւ Իրլանտա, մինչ Միացեալ Նահանգները շարունակած է [...]
November 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Չորեքշաբթի, 21 Նոյեմբերի կէսօրին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Արցախի նորընտիր նախագահ Բակօ Սահակեան, որ, ինչպէս ծանօթ է, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աւանդական թելեթոնին ներկայ ըլլալու համար, Լոս Անճելըս ժամանած էր նախորդ շաբաթավերջին։
Նախագահական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ուաշինկթընի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Վարդան Բարսեղեան, Արցախի ընկերային հարցերու նախարարուհի Նայիրի Ազատեան եւ նախագահի աշխատակազմի անդամներէն՝ մամուլի հարցերու պատասխանատու Դաւիթ [...]
November 30th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի հիւլէական թղթածրարի հարցով աւագ բանագնացներէն Հիւսէյն Մուսաւեան իրանեան դատարանի մը կողմէ լրտեսութեան ամբաստանութենէն անպարտ հռչակուեցաւ, սակայն հակաքարոզչութեան ամբաստանութեամբ յանցաւոր նկատուեցաւ։
Արդարադատութեան բանբեր մը յայտնեց, որ Մուսաւեանի դէմ երեք ամբաստանութիւն ուղղուած էր՝ «լրտեսութիւն, գաղտնի փաստաթուղթեր իր մօտ պահել եւ իշխող համակարգին դէմ քարոզչութիւն կատարել»։ Ան առաջին երկու ամբաստանութիւններէն անպարտ հռչակուած է: Յայտնի չէ, [...]
November 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԽՄԲ.- Վերի լուսանկարը, «Ազդակ»էն առնելով, լոյս ընծայած էինք լիբանանահայ ծանօթ մտաւորական եւ հանրային գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի մասին Ս. Կիրակոսեանի գրած յօդուածը («Ասպարէզ», Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2007):
Լուսանկարին տակ, ինչպէս որ հասած էր մեզի, գրուած էր. «Ետեւի շարքը, ձախէն աջ՝ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, Արշաւիր Շիրակեան, Եդուարդ Տասնապետեան, ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ՄԸ (Անծանօթ), Նուպար Չարխուտեան: Առջեւի շարքը, ձախէն աջ՝ [...]
November 30th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Անկեղծ ըլլալու համար, պէտք է խոստովանիմ, որ միշտ ալ կը լսէի Ս. Գիրքի սերտողութեանց մասին գաղութէն ներս թէ այլուր, սակայն կը մտածէի, թէ այդ բանը կը պատկանի խմբակի մը կամ դասակարգի մը, որ աւելի հետաքրքրութիւն ունի այդ նիւթերու մասին: Բայց այդ կարծիքս բոլորովին յեղաշրջուեցաւ, երբ կնոջս յաջորդական պնդումներուն վրայ Նոյեմբեր 20, 2007ին ստիպուեցայ ներկայ գտնուիլ [...]
November 30th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀՇ ներկայացուցիչ Լեւոն Տէր Պետրոսեան Հինգշաբթի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուց 2008ի Փետրուար 19ի նախագահական ընտրութիւններուն իր առաջադրման փաստաթուղթերը: Լ. Տէր Պետրոսեան ԿԸՅ փաստաթուղթեր ներկայացուցած երկրորդ թեկնածուն է: Մէկ օր առաջ դիմում ներկայացուցած էր նաեւ «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արտաշէս Գեղամեանը:
Իրենց առաջադրման մասին յայտարարած են նաեւ ՀՀԿ նախագահ, վարչապետ Սերժ Սարգսեան, ԱԺՄ առաջնորդ [...]
November 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բանակի 8րդ հերթափոխը խաղաղարար առաքելութեամբ Քոսովօ ուղարկելու պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 1ին: Յունական գումարտակի մէջ հայ խաղաղապահները առաքելութիւն կը կատարեն 6 ամիս ժամկէտով՝ բազմազգեան զօրաբանակի կազմի մէջ, Փրիշթինա քաղաքէն քիչ հեռու:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Սէյրան Շահսուվարեանի, Հայաստան պատրաստ է կրկնապատկելու խաղաղարար առաքելութեան կազմը, որ 34 զինուորներ եւս պատրաստուած [...]
November 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 30ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութեան 11րդ Գերագոյն ժողովը, որ գաղտնի քուէարկութեամբ ՀՀ նախագահի յառաջիկայ ընտրութիւններուն առաջադրեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեանի թեկնածութիւնը։
ԳԺի իրաւասու ձայնով պատգամաւորներու գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքներն են՝ Վահան Յովհաննիսեան՝ 60 քուէ, Արմէն Ռուստամեան՝ 16, անվաւեր՝ 3 քուէ։
ՀՀ նախագահի Դաշնակցութեան թեկնածու Վ. Յովհաննիսեան [...]
November 30th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Նրանց, ովքեր ծանօթ են իմ հրապարակային ելոյթների ոճին, այս մէկը կարող է մի քիչ անսովոր թուալ։
Հայաստանը կանգնած է ընտրութեան առջեւ եւ պէտք է կատարի այդ ընտրութիւնը։ Այս ընտրութեանը մենք սպասել ենք տարիներ, անգամ տասնամեակներ, պայքարել ենք այն օրուայ համար, երբ մենք՝ որպէս ազգ եւ հասարակութիւն, պատրաստ կը լինենք այն կատարելու։
Խօսքս նախագահ ընտրելու մասին [...]
November 30th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Նոյեմբերի 27ին ԱԺն անդրադարձաւ 2008թ. պետական ամավարկին, որի մի քանի դրոյթների մասին կուսակցութեան գնահատականները ներկայացրեց խմբակցութեան անդամ, ԱԺ ֆինանսաամավարկային մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ Արծուիկ Մինասեանը:
Նա անդրադառձաւ մի քանի հանգամանքների, որոնք անչափ կարեւոր են մեր երկրի հետագայ զարգացման համար:
Առաջինը՝ համաշխարհային մրցակցութեան տեսանկիւնից մեր երկրի, մեղմ ասած, տխուր վիճակն է. Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի գնահատման համաձայն 131 [...]
November 30th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշնանային զօրակոչի համար այլընտրանքային զինուորական ծառայութեան ոչ մէկ դիմումնագիր ստացուած է: Ըստ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար, գնդապետ Սէյրան Շահսուվարեանի, այլընտրանքային ծառայութիւն նախընտրող չէ եղած 2005ի աշնանային զօրակոչէն ի վեր:
Նշենք, որ օրէնքի ուժի մէջ մտնելու պահէն (2004ի Մարտ 1) այլընտրանքային ծառայութեան զօրակոչուած բոլոր 29 անձիերը ինքնակամօրէն լքած են ծառայութեան վայրերը: Անոնց նկատմամբ քրէական [...]
November 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեան ու Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնակատար Նայիրա Մելքումեան Հինգշաբթի ստորագրեցին 18.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ աղքատութեան յաղթահարման աջակցութեան չորրորդ վարկի փաստաթուղթը:
Նշենք, որ վարկը կը տրամադրուի Հայաստանի կառավարութեան՝ իբրեւ աջակցութիւն աղքատութեան յաղթահարման ռազմավարական ծրագիրի (ԱՀՌԾ): Նիւթական աջակցութիւնը պիտի յատկացուի հանրապետութեան տնտեսական աճի պահպանումին, ապօրինի անտառահատումներու դէմ [...]
November 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Նէշընըլ ճիոկրաֆիք» ամսաթերթի այս տարուան Դեկտեմբերի թիւին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը համաձայն, մինչ դար մը առաջ ամերիկացիները միջին հաշուով աւելի երկարահասակ էին, քան եւրոպացիները, ներկայիս անոնք նուազ երկարահասակ են, քան Նորվեկիոյ, Դանիոյ, Շուէտի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի քաղաքացիները:
Վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ, միջին հաշուով ամենաերկարահասակ քաղաքացիները կու գան Հոլանտայէն:
Ըստ Միւնիխի համալսարաններէն մէկուն ուսումնասիրող Ճան [...]
November 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30ին, երկու օր առաջ Թուրքիոյ Մարտին նահանգին մէջ առեւագուած ասորի կրօնական մը ազատ արձակուեցաւ, մինչ զինք առեւանգողները կը հետապնդուին երկրին ապահովական ուժերուն կողմէ:
Թուրք պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ասորի կրօնական Տանիէլ Սաւճըի ինքնաշարժը Չորեքշաբթի օր Մարտին նահանգի Միտիաթ քաղաքին մօտ լքուած գտնուած է։ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ շրջանէն կրօնաւոր մը աւելի [...]
November 30th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վերաքննիչ դատարանը երէկ «Ռոյեալ Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Գագիկ Յակոբեանը դատապարտեց 6 տարուան բանտարկութեան՝ գոյքի կէսի չափով բռնագրաւումով: Ան յանցաւոր ճանչցուեցաւ քրէական օրէնքի 178րդ յօդուածով:
Դատը կը նախագահէր Սուրէն Ղազարեան: Ընկերութեան նախկին տնօրէն Արամ Ղազարեան ազատ արձակուեցաւ:
November 30th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՀԵԼՍԻՆՔԻ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան ընդարձակման աշխատանքներու յանձնակատար Օլի Ռէն Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին ազդարարեց, թէ Եւրոպական միութեան անդամ Կիպրոսի եւ Եւրոմիութեան անդամակցիլ փորձող Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւնները սկսած են վնաս կը հասցնել Եւրոմիութեան շահերուն:
Տարակարծութիւնը ծագած է այն միջոցին, երբ Եւրոմիութիւնը կը պատրաստուի ստանձնելու Քոսովոյի խաղաղապահ աշխատանքներուն ղեկը, որ ներկայիս ՄԱԿի ձեռքն է:
Իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ, Թուրքիա [...]
November 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԿԱԶԱ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Աննափոլիսի մէջ կայացած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովին դէմ ցոյցի մը ընթացքին Երեքշաբթի օր սպաննուած պաղեստինցիին թաղման արարողութեան ընթացքին, պաղեստինեան ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս բախում ունեցաւ սգաւորներուն հետ։ Ականատեսներ յայտնեցին, որ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հաւատարիմ ապահովական ուժերը օդը կրակեցին՝ ցրուելու համար Հեպրոնի մէջ թաղումին մասնակցող հարիւրաւոր սգաւորներ։ Առնուազն 24 հոգի վիրաւորուեցան, [...]
November 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.- Նոյեմբեր 28ին, Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հայաստանի ԱԺի մէջ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեանէ, ԱԺ պատգամաւոր Արա Նռանեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեանէ, Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Ընկերվարութւինը իբրեւ 21րդ դարու ընկերային հարցերու լուծման այլընտրանք» խորագրով առաջին միջազգային ընկերվարական խորհրդաժողովին:
Խորհրդաժողովը կազմակերպած էր «Արդար Ռուսիա» կուսակցութիւնը՝ գիտահետազօտական շարք [...]
November 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԱՏԷՆ, Աւստրիա, «Ռոյթըրզ».- Քոսովոյի ապագայ կարգավիճակին ճշդումը բանակցութեան ճամբով կատարելու միջազգային միջնորդներու նորագոյն փորձը Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ի երեկոյեան ձախողութեամբ աւարտեցաւ, երբ սերպերն ու ալպանացիները մերժեցին իրենց դիրքերէն զիջիլ։
Եռօրեայ բանակցութիւններուն աւարտին, Քոսովոյի նախագահ Ֆաթմիր Սեժտիու Աւստրիոյ Պատէն քաղաքին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «դժբախտաբար Սերպիոյ հետ համաձայնութիւն չէ գոյացած»։
Քոսովօ կը սպառնայ ինքնագլուխ կերպով անկախութիւն յայտարարել, [...]
November 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի նախագահ ընտրուած Փերւէզ Մուշարրաֆ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք պաշտօնապէս ստանձնեց իր պաշտօնը, այս անգամ իբրեւ ոչ զինուորական: Ան մէկ օր առաջ հրաժարած էր սպայակոյտի պետի պաշտօնէն, տեղի տալով արտաքին ու ներքին բուռն ճնշումներուն դիմաց:
Երդման արարողութենէն քանի մը ժամ ետք պետական պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած ելոյթի մը ընթացքին, Մուշարրաֆ [...]
November 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ երէկ տեղի ունեցան ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումները, որոնց ընթացքին գրաւոր առաջարկներ փոխանցուեցան կողմերուն:
Նոյն ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ, յաջորդաբար Վարդան Օսկանեան եւ Էլտար Մամէտեարով, ունեցան հանդիպումներ:
Օսկանեան ըսաւ, թէ ԼՂ հակամարտութեան լուծման սկզբունքներու փաստաթղթին մէջ չհամաձայնեցուած հարցերու [...]
November 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Բոլոր ծխողները այս կամ այն պատճառով միշտ կը փափաքին ձերբազատուիլ այս ախտէն, սակայն չեն կրնար իրագործել զայն, որովհետեւ ձեւով մը գերին դարձած են այդ խոտին: Գիտեն անոր պատճառած վնասները ու կը մնան կառչած այդ մոլութեան:
Բոլորիս ծանօթ է, թէ ծխախոտը թոքերու քաղցկեղ կը պատճառէ ու նաեւ սրտի անհանգստութիւններէն շատերը անոր կը վերագրուին: Հոս յատնուած են [...]
November 29th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, խստօրէն քննադատելով Միջազգային ճգնաժամային խումբի (ՄՃԽ) կողմէ Նոյեմբերի 14ին հրապարակուած Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ զեկոյցը:
Նախարարութիւնը ցաւով կը նշէ, որ զեկոյցը «իր նախորդներից ժառանգել է» բացասական տեսակէտներ, մասնաւորապէս՝ հեղինակները կը փորձեն հակամարտութիւնը ներկայացնել իբրեւ հողային վէճ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դերն ու նշանակութիւնը [...]
November 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
45 տարուան կեանք ու վաստակ՝ մամուլի, հրապարակագրութեան եւ գրականութեան անդաստաններուն մէջ, անուն մը, որ փնտռուած ու սպասուած է, ստորագրութիւն մը, որ ընթերցողը մղած է յօդուածը կարդալու եւ անոր պատգամներով առաջնորդուելու։
Նախ «Այգ»ի, ապա «Ազդակ»ի խմբագրատուներուն մէջ լայն աշխատանք ծաւալած, իր գրիչով նուաճումներ արձանագրած Շահանդուխը, «Ազդակ» օրաթերթին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, «Լեւոն եւ [...]
November 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիա ձերբակալած է 208 կասկածելիներ, որոնք ամբաստանուած են շարք մը յարձակումներ ծրագրելու յանցանքով: Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, անոնք նաեւ կը ծրագրէին յարձակում գործել պետական քարիւղի զտարանի մը վրայ։
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր զօր. Մանսուր Թուրքի յայտնեց, որ ըստ ծրագիրին՝ քարիւղի զտարանին դէմ յարձակումը կը ծրագրուէր թագաւորութեան արեւելեան շրջանին մէջ։ Ան ըսաւ, թէ կասկածելիները [...]
November 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ նախարար Գէորգ Դանիէլեանի գլխաւորութեամբ, Նոյեմբեր 29ին երկօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Այցի նպատակն է ԼՂՀ նորանշանակ արդարադատութեան նախարար Ա. Մոսիյեանի հետ ստորագրել գործակցութեան յուշագիր եւ յստակացնել ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ ԼՂՀ արդարադատութեան նախարարութեան ցուցաբերուելիք աջակցութեան եղանակներն ու ծիրը:
November 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայկական դպրոցի նպատակն է հայապահպանում ու հայ դպրոցը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի գոյատեւումին սատարող գործօն օրրաններէն մէկը։ Ամէն հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհի, ի գին բարձր զոհողութիւններու, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կատարուելիք հանդիսութիւնները կը նկատէ ամէնէն շինիչ աշխատանքներէն մէկը, աշակերտութեան մօտ հայկական ոգիի աշխուժացման ու հարուստ մաշակոյթի հանդէպ իրենց սիրոյ ու յարգանքի արտայայտման յարմարագոյն առիթներէն մէկը։
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին [...]
November 29th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ծալքերու բացայայտման հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբի նախագահ՝ դատախազ Սերժ Պրամըրց Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի յանձնեց իր պատրաստած նորագոյն տեղեկագիրը, որուն մէջ կը նշուի, որ Հարիրիի սպանութեան եւ անկէ ետք Լիբանանի մէջ գործուած քաղաքական սպանութիւններուն շուրջ հետաքննութիւնները կարեւոր բացայայտումներ կատարած են, սակայն այդ բացայայտումներուն [...]
November 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Յայտնի է, որ նորագոյն շրջանի թուրք գրականութիւնը գրեթէ չի անդրադարձել Հայոց Ցեղասպանութեան, իսլամացած հայերի թեմային, եւ միայն վերջին մի քանի տարիներին է, որ այդ ուղղութեամբ որոշակի շարժ կայ։ Լոյս են տեսել եւ ներկայումս էլ շարունակում են տպագրուել հիմնականում փաստագեղարուեստական բնոյթ ունեցող գրքեր՝ նուիրուած յիշեալ թեմաներին։ Ակնյայտ է նաեւ, որ այդ ստեղծագործութիւնները շատ դէպքերում պարունակում են [...]
November 29th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ.- «Թըրքիշ տէյլի նիուզ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած թրքախօս երկիրներու 11րդ համաժողովին կարեւորագոյն արդիւնքներէն մէկը կը նկատուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի առաջ մղած թրքախօս երկիրներու խորհրդարանական միութիւնը մը կազմելու ծրագրին վաւերացումը:
«Թրքական միութեան խորհրդարան» անունով ճանչցուելիք մարմինը պիտի կազմուի Եւրոպական խորհրդարանի օրինակով եւ Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ [...]
November 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան Նոյեմբեր 29ին դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու կապակցութեամբ ընդունեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Ալիռէզա Հադիղիանի այցելութիւնը:
Մ. Յարութիւնեան, անդրադառնալով վերջին տարիներու օրէցօր խորացող հայ-իրանական երկկողմանի գործակցութեան, բարձր գնահատեց դեսպանի ներդրումը՝ մաղթելով անոր յաջողութիւններ հետագայ առաքելութեան մէջ:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին, ըսելով, որ Հայաստանէն կը մեկնի մեծ տպաւորութիւններով:
November 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Գիւմրիի քանի մը հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ Նոյեմբեր 27ին լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի մէջ հրաւիրուած հանրային քննարկման մասնակիցները որոշած են մինչեւ 1988ի երկրաշարժի 19րդ տարելիցը՝ Դեկտեմբեր 7, երկրի իշխանութիւններուն յղել ուղերձ մը, որմով կը պահանջեն պետական ամավարկի 2-3 տարուան յատկացումներով շինարարութիւն կատարել աղէտի գօտիի մէջ եւ բնակարաններով ապահովել բոլոր անօթեւանները:
Ուղերձը կը ներառէ աղէտի [...]
November 29th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշէլ Աուն Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ դէմ պիտի չդնէ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյմանը նախագահ ընտրելու նպատակով սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելու առաջարկին, զօրավարը նախագահ դարձնելու հաւանականութիւնը աւելի իրականանալի դարձնելով:
Իշխանամէտ կողմերը Չորեքշաբթի օր յայտնած էին, որոշած են փոխել բանակի հրամանատարին թեկնածութեան [...]
November 29th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նախանցեալ օր, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ եւ գործիչներ Նիւ Եորք հաւաքուեցան, բացումը կատարելու համար Յանձնախումբի նոր գրասենեակին՝ Մէնհէթընի մէջ:
Յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Խալիկեան այս իրադարձութիւնը դրական նկատեց, աշխատանքներուն աւելի թափ տալու իմաստով:
Նոր գրասենեակի հասցէն է 122 W. 27th Street, եւ հոն պիտի գործեն նաեւ Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի Հայ [...]
November 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթը՝ «Դրօշակ»ը, յառաջիկայում փորձելու է իր ուշադրութիւնը սեւեռել մեր ազգին ու պետականութեանը յուզող կարեւորագոյն հարցերին, փորձելու է ստեղծել հասարակական ու քաղաքական մտքի խմորման այն դաշտը, որտեղ հնարաւոր է գտնել մեզ անհրաժեշտ հարցերի լուծումները։ Պաշտօնաթերթի դռները բաց են բոլորի առջեւ, այն Հ.Յ.Դ.ի պաշտօնաթերթն է, բայց բոլորինն է», Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շէնքին մէջ Նոյեմբեր 29ին [...]
November 29th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Կիրակի, Նոյեմբեր 11, 2007 թուի երեկոյեան ժամը 6ին, Lanterman հանդիսասրահում, արուեստագիտուհի Աննա Չանբազեանի ղեկավարութեամբ 26 պարերի երանգների ոլորտներռվ, ներկայացուեց «Չանբազեան» ակադեմիայի տարեկան ելոյթը՝ «ՅԱՒԵՐԺԱՑՈՂ ՅՈՒՇԵՐ» խորագրի ներքոյ:
Աւելի քան 60 տարի է, ինչ «Չանբազեան» պարի դպրոցը շարունակում է յարատեւել ու ստեղծագործել՝ միշտ քայլելով օրուայ զարկով ու շունչով: Իրաւ, որ անհատի «ես»ը կերտւում է ընտանիքում: Աննա [...]
November 28th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի եւ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր, որմով կը նախատեսուի սերտ գործակցութիւն կրթութեան, առողջապահութեան, մշակոյթի, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Համաձայնագիրը վաւերացուցած են Նիսի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժաք Պէյրա եւ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան: Նախնական համաձայնութեամբ, մայրաքաղաքի առողջապահական հիմնարկները թեքնիք աջակցութիւն պիտի ստանան Նիսի հիւանդանոցներու միութենէն: Նախատեսուած են նաեւ բժիշկներու փոխանակման եւ [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին, Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ պաշտօնապէս հրաժարեցաւ բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնէն, որու շնորհիւ ան Հինգշաբթի օր երդում պիտի տայ իբրեւ նախագահ։
Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն ան հանդիպում ունեցաւ բանակի, ծովուժի եւ օդուժի աւագ հրամանատարներուն հետ, այցելելով մայրաքաղաք Իսլամապատի մօտ գտնուող Ռաուալփինտիի զինեալ ուժերու կեդրոնատեղին։
Չորեքշաբթի օր, ան իր պաշտօնը փոխանցեց իր [...]
November 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութիւնը աւարտած է նախնական համաձայնութեամբ անձի մարմնավաճառութեամբ զբաղուելուն նպաստելու, սուտ ցուցմունք տալու նպատակով կաշառելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Նախաքննութեամբ պարզուած եւ հիմնաւորուած է, որ Վ. Գալուստեան Ա. Վարդանեանի հետ հաւաքագրած եւ 2006ի Նոյեմբերի 8ին իր զաւկի՝ Ի. Գալուստեանի ուղեկցութեամբ Տուպայ փոխադրած է մարմնավաճառութեամբ զբաղուելու ցանկութիւն յայտնած Ա. [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկ-մատենադարանի այցելուներու թիւը այս տարի արդէն իսկ գերազանցած է նախորդ տարիներու ցուցանիշները՝ հասնելով 55 հազարի:
Միայն արտասահմանէն ժամանած հիւրերու թիւը շուրջ 18 հազար է: Ըստ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի, այս հանգամանքը արդիւնք է Մատենադարանի եւ հոն գտնուող հազուագիւտ ձեռագրերու հանդէպ ընդգծուած հետաքրքրութեան: Պէտք է նշել նաեւ, որ արտասահմանէն [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Նէշընըլ ճիոկրաֆիք» ամսաթերթի այս տարուան Դեկտեմբերի թիւին մէջ հրատարակուած տուեալներուն համաձայն, աշխարհի տարածին քրիստոնեաներուն համեմատւոթիւնը 33 տոկոս է, մինչ երկրորդ մեծագոյն կրօնքը կը հանդիսանայ իսլամութիւնը՝ որուն հետեւորդներուն համեմատութիւնը 21 տոկոս է: Յատկանշական է, որ անհաւատներուն համեմատութիւնը 14 տոկոս է, մինչ հինտուներուն եւ պուտտայական կրօնքի հետեւորդներուն համեմատութիւնը յաջորդաբար 13 եւ 6 տոկոս է:
Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան [...]
November 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խորհրդարանը երէկ երրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Յատուկ քննչական ծառայութեան մասին» օրինագիծը:
Այս ծառայութեան պարտականութիւնն է օրէնսդիր, գործադիր, դատական իշխանութեան մարմիններու ղեկավար աշխատողներու, պետական յատուկ ծառայութիւն կատարող անձերու կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու, ինչպէս նաեւ ընտրական գործընթացներու հետ կապուած քրէական գործերով նախաքննութիւն կատարել:
Սահմանուած է, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը ինքնուրոյն պետական մարմին է եւ անկախ [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ հրաւիրուած ԱԺՄ համագումարը որոշեց յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրել կուսակցութեան նախագահ Վազգէն Մանուկեանի թեկնածութիւնը: Համագումարին կը մասնակցէին ԱԺԴ եւ ԱԺԿ առաջնորդներ Արշակ Սադոյեան եւ Շաւարշ Քոչարեան, որոնք Վ. Մանուկեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին:
Ողջոյնի խօսք ուղղեցին Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՍԻՄ նախագահ Հրանդ Խաչատրեան, «Ազգային համաձայնութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեան, «Ժառանգութիւն», [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահի խորհրդական Արման Մելիքեան երէկ հրաժարականի դիմում ներկայացուց ԼՂՀ նախագահին, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենայ իբրեւ թեկնածու առաջադրուիլ 2008ի Փետրուար 19ի Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն:
Ա. Մելիքեան երէկ կայացած մամլոյ ասուլիսին իր այս որոշումը հիմնաւորեց այն հանգամանքով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մէջ «լուրջ վտանգ» կը տեսնէ եւ առաջադրուելով պիտի փորձէ որոշ չափով կանխել [...]
November 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԷՅՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին, լիբանանեան քաղաքական կողմերուն ներկայացուցիչներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները յոյսի առաջին նշոյլը բացայայտեցին, որ նախագահի ընտրութեանց շուրջ ստեղծուած տագնապը կարելի պիտի ըլլայ լուծել:
Արդարեւ, խորհրդարանի մեծամասնութեան վրայ հակակշիռ ունեցող Սաատ Հարիրիի «Մուսթաքպալ» հոսանքէն երեսփոխան Ամմար Խուրի յայտարարեց, թէ իշխանամէտ ուժերը որոշած են փոխել բանակի հրամանատար զօր. Միշէլ Սլէյմանի թեկնածութեան իրենց ընդդիմութիւնը, որու [...]
November 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սպառողական շուկային մէջ Սեպտեմբերին արձանագրուած գնաճի ընթացքը շարունակուած է Հոկտեմբերին եւ երկու ամիսներու ընդհանուր գնաճը կազմած է 3.8 տոկոս:
Գիներու դիտարկումը կատարուած է Երեւանի եւ մարզերու 11 բնակավայրերու մէջ՝ 470 անուն ապրանք-ծառայութիւններու գծով:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Հոկտեմբերին, Սեպտեմբերի համեմատ, սպառողական գիները աճած են 3.1 տոկոսով, պարէնային ապրանքներունը՝ (ներառեալ ոգելից [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար տօնական օր մը եղաւ Կիրակի, 18 Նոյեմբեր 2007ը, հանդիսաւոր նշումովը եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30ամեակին եւ սարկաւագական ձեռնադրութեան կատարումով։
Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իրեն առընթերակայ եւ Ս. սեղանին սպասարկող ունենալով Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի զոյգ վարիչներ Միւռոն Ծ. վրդ. [...]
November 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2007ին Հայաստանը մարդկային զարգացման 0.775 կէտով աշխարհի 177 երկրներու շարքին կը գրաւէ 83րդ դիրքը: Այս մասին Նոյեմբեր 28ի ասուլիսին յայտնեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿի մնայուն համակարգող եւ ՄԱԿի Զարգացման ծրագրի ներկայացուցիչ Քոնսուելօ Վիտալ, նշելով, որ 1990էն սկսեալ ամէն տարի Մարդկային զարգացման զեկոյցը կը հրապարակէ մարդկային զարգացման ցուցակ, որ մշակուած է իւրաքանչիւր երկրի մարդկային [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Սան Կապրիէլ Հովիտի տեղական Հայ Դատի Յանձնախումբերու պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ քոնկրէսական Կրէյս Նափոլիթանոյի հետ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վիգէն Բագրատունի (ատենապետ), Ճէք Հէճինեան, Նազարէթ Ծատուրեան եւ Մուրատ Մինասեան (Սան Կապրիէլ հովիտի Յանձնախումբէն), ինչպէս նաեւ շրջանայինի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան եւ գրասենեակի գործավար Էնտրու Գիզիրեան:
Նափոլիթանօ այս հանդիպումը [...]
November 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵւԱՆ, «Նոյեան Տապան».- ՀՀ նախագահութեան հաւանական թեկնածու, ԱԺի փոխխօսնակ եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան «Նոյեան տապան» գործակալութեան հարցազըոյց տալով յայտարարեց, թէ Դաշնակցութեան մղած պայքարը կը ձգտի քաղաքացիական համաձայնութիւն ստեղծել Հայաստանի մէջ:
Վահան Յովհաննիսեան ըսաւ, թէ 2008ի ընտրութիւններու նախընտրական շրջանը տակաւին չէ սկսած, սակայն ընթացքի մէջ է նախապատրաստական շրջանը, ուր թեկնածուները եւ քաղաքական ուժերը կը [...]
November 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանեան պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Իրանի զինուորական ուժերը հեռահաս նոր հրթիռ մը արտադրած են, որ կարողութիւնը ունի հարուածելու Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգներու միջին արեւելեան զօրակայանները։
Իրանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Մուսթաֆա Մուհամմատ Նաճճար յայտնեց, որ «Աշուրա» հրթիռը արտադրուած է նախարարութեան պատկանող գործարանի մը կողմէ։ Ան չյայտնեց, որ Իրան հրթիռը փորձարկա՞ծ է։
Իրանի զէնքերուն [...]
November 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ԻՆՖՕ».- Նոյեմբեր 27ին, ՍամցխԷ-Չաւախքի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ներկայացուցիչներ՝ Արտակ Գաբրիէլեանի եւ Գրիգոր Մինասեանի կողմէ Վրաստանի մէջ գործող ՄԱԿի եւ Եւրոմիութեան գրասենեակներուն յանձնուեցաւ վերոնշեալ խորհուրդին մշակած յուշագիրը, որ կ’առնչուի Չաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ եւրոպական կառոյցներուն նկատմամբ Վրաստանի ստանձնած եւ չկատարած պարտաւորութիւններու լոյսին տակ:
Յուշագրին խորագիրն է «Վրաստանի Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուեմօ Քարթլիի տարածաշրջանների հայ բնակչութեան [...]
November 28th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այս տարուան տասնմէկ ամիսներու ընթացքին, հսկողութիւն կատարուած է 61 կազմակերպութիւններու մէջ, որոնցմէ 56ի մօտ յայտնաբերուած են մաքսային կանոններու խախտման դէպքեր եւ պետական գանձին վճարուած է 503 միլիոն դրամ:
Այս մասին Նոյեմբերի 24ի ասուլիսին նշեց մաքսային պետական կոմիտէի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Տիգրան Սարգսեան:
Ըստ Տ. Սարգսեանի, յետբացթողումային հսկողութեամբ մասնաւորապէս պարզուած է, որ «Քրաուն քեմիքալ» [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՃԱԼԱԼԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մէջ ամերիկացի զինուորներու կողմէ հինգ քաղաքայիններու սպանութենէն միայն մէկ օր ետք, արեւելեան Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան ուժերը սպաննեցին շինարարական ընկերութեան մը առնուազն 14 անդամներրը, զանոնք «ահաբեկիչներ» կարծելով: Շինարարական ընկերութեան տուեալներուն համաձայն, սպաննուած են առնուազն 25 հոգի, իսկ տեղական հիւանդանոցի մը բանբերը հաստատեց, թէ ամերիկեան յարձակումին ընթացքին սպաննուած 19 աֆղաններու դիակները հիւանդանոց բերուած են:
[...]
November 28th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱԺ արտահերթ նիստին, երէկ, խորհրդարանականները 87 թեր, 2 դէմ, 8 ձեռնպահ ձայներով ընդունեցին 2008ի պետական ամավարկի օրինագիծը: Ձեռնպահ քուէարկած էին «Օրինաց երկիր», դէմ՝ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները:
Այսպիսով՝ Հայաստանի 2008ի պետական ամավարկը վաւերացուեցաւ եկամուտներու գծով՝ 746 միլիառ դրամ, ծախսերու գծով՝ 822 միլիառ դրամ, բացը՝ 76 միլիառ դրամ: Ամավարկի մէջ տոլարի փոխարժէքը 329.16 դրամ է, [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան տարածքային երեք կառոյցներու ղեկավարներ յայտարարութիւն տարածած են՝ ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած շարժումին միանալու մասին:
Յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Նոյեմբերի 27ին «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան նախագահութեան նիստին մասնակցելով՝ եկանք այն եզրակացութեան, որ ԱՄԿն հակուած չէ պայքարել գործող իշխանութեան հեռացման համար, այլ ընդհակառակը՝ նպաստում է համակարգի վերարտադրութեանը: Ուստի [...]
November 28th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Անցած շաբաթը հարուստ էր Ատրպէյճանին առնչուող եւ հարաւային Կովկասի, նշանակում է՝ նաեւ Հայաստանի ու ԼՂՀի հետ անմիջական կապ ունեցող իրադարձութիւններով։
Հետեւելով ժամանակագրութեանը՝ սկսենք Նոյեմբերի 18-19ը Պաքւում կայացած՝ թուրքալեզու երկրների բարեկամութեան, եղբայրութեան եւ համագործակցութեան 11րդ համագումարից, որը Ատրպէյճանի դաշնակից Թուրքիայի հերթական փորձն էր՝ ղեկավարելու թուրքալեզու պետութիւններին եւ նրանց վրայ տարածելու իր ազդեցութիւնը, նրանց քաղաքականութիւնն ուղղորդելու Անգարային [...]
November 28th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «1937 թուականի Նոյեմբերի 27ին աւարտուեց Եղիշէ Չարենցի կարճ երկրային կեանքը, բայց ապրած ընդամէնը 40 տարուայ ընթացքում նա իրեն ապահովեց յաւերժութիւն», երէկ Եղիշէ Չարենցի յուշարձանի մօտ, մեծ բանաստեղծի մահուան 70ամեակին նուիրուած արարողութիւնը այս խօսքերով բացաւ բանաստեղծի տուն-թանգարանի տնօրէն Լիլիթ Յակոբեան:
Հաւաքին կը մասնակցէին գրողներ, գրականագէտներ, Երեւանի համալսարաններու դասախօսներ եւ ուսանողներ, դպրոցականներ, որոնք ծաղիկներ դրին [...]
November 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախարար Վարդան Օսկանեան Նոյեմբերի 28ին կը մեկնի Մատրիտ՝ մասնակցելու Նոյեմբերի 29-30 կայանալիք ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու տարեկան հանդիպումին: Նախատեսուած է Վ. Օսկանեանի ելոյթը: Մատրիտի մէջ ծրագրուած է Վ. Օսկանեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ, նաեւ՝ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ:
ԵԱՀԿ նախարարակաան հաւաքը կազմակերպուած է կառոյցի գործող նախագահ, Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Միկէլ [...]
November 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ.- Այսօր Դաշնակցութեան այս դերակատարութեամբ հրապարակ գալը ուղղակի պահանջուած էր մեր հասարակութեան կողմից. հանդիպումներն էլ են դա ցոյց տալիս: Ես չեմ ասում՝ մեր ընկերների կողմից է պահանջուած, որովհետեւ մեր ընկերները միաձայն են այս որոշումն ընդունել:
Չի եղել մի տեղ, որ հանդիպենք եւ կասկածանք յայտնուի՝ ճի՞շդ ենք անում, որ մեր սեփական թեկնածուով ենք հանդէս գալիս: [...]
November 27th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութեանց ու եւրոպական շրջանային քաղաքականութեան յանձնակատար Պենիթա Ֆերրերօ Ուալտնըր առաջարկած է Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի իշխանութեանց, որ Հայաստանը եւս ներառեն Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի ծրագրին մէջ, անուղղակիօրէն քննադատելով Հայաստանը մեկուսացնելու միտող այս փորձը:
Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի յոյն անդամի մը հարցումներուն պատասխանելով, ան կրկնեց, թէ Եւրոպական միութիւնը նիւթապէս [...]
November 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Շատ է խօսւում այն մասին, որ Հայաստանում երիտասարդ գիտնականների եւ գիտաշխատողների մեծ պահանջ կայ: Երիտասարդները բուհն աւարտելուց եւ գիտական աստիճան ստանալուց յետոյ յաճախ թողնում են գիտական ուղին եւ զբաղւում այլ՝ աւելի շահութաբեր աշխատանքով, կամ մէկնում են արտագնայ աշխատանքի՝ պատճառաբանելով, որ դրսում մտաւոր աշխատանքն աւելի բարձր է գնահատւում: «Ուղեղների արտահոսքի» գլխաւոր պատճառն, անկասկած, ընկերային խնդիրներն են:
[...]
November 27th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՌԱՈՒԱԼՓԻՆՏԻ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆի բանբեր Ռաշիտ Քուրէշի յայտնեց, որ Մուշարրաֆ Հինգշաբթի օր նախագահական իր երկրորդ նստաշրջանի երդման արարողութիւնը պիտի կատարէ։ Բանբերը յայտնեց, որ նախքան երդման արարողութիւնը, զօր. Մուշարրաֆ պիտի հրաժարի բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնէն։
Երեքշաբթի օր Մուշարրաֆ տեսակցութիւններ ունեցաւ շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներու հետ եւ յայտնեց, թէ բանակի հրամանատարի պաշտօնէն պիտի հեռանայ [...]
November 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26ին դարձեալ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ամբաստանեց արեւմուտքցի դէտերու կողմէ ռուսական խորհրդարանական ընտրութեանց պոյքոթին ետին կանգնելու համար՝ յայտնելով, որ այդ քայլին նպատակը ընտրութիւնները արժեզրկելն է։
Փութին լրագրողներուն յայտնեց, որ ԵԱՀԿի ընտրական դէտերուն որոշումը «տրուած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան յանձնարարութեան հիմամբ։ Ասիկա նկատի պիտի ունենանք մեր միջպետական յարաբերութեանց [...]
November 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Արեւելեան Մէսէչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Մէսէչուսէց նահանգի Պետֆըրտ քաղաքը եւս (երկրորդը վերջին երկու շաբաթներուն) խզեց իր կապերը հրէական ADL կազմակերպութեան հետ, տրուած ըլլալով, որ վերջինս ոչ մէկ քայլ առած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:
Պետֆըրտէն առաջ, Մետֆըրտ քաղաքը եւս որոշեց խզել իր կապերը ADL-ի հետ՝ նոյն պատճառով: Այս ամսուան ընթացքին, Նիտըմ եւ [...]
November 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի մէջ 2008ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, ջաւախահայութիւնը պիտի քուէարկէ այն թեկնածուին, որ իր նախընտրական ծրագրով կը պաշտպանէ ազգային փոքրամասնութիւններու շահերը:
Ինչպէս երէկ հրաւիրած ասուլիսին տեղեկացուց «Չաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանը, հաշուի առնելով դառն փորձառութիւնը եւ լուծում չստացած բազմաթիւ խնդիրները՝ Չաւախքի հայերը պիտի չքուէարկեն ի նպաստ Միխայէլ Սահակաշւիլիին: Շ. Թորոսանի խօսքով՝ [...]
November 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին վրայ 1967ի Նոյեմբեր 29ին բացումը կատարուեցաւ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրին: Երէկ, յուշահամալիրի կառուցման 40ամեակի առթիւ, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Յիշողութիւնից՝ յիշատակում» միջազգային երկօրեայ գիտաժողովին:
Ազգային ժողովի նախագահ Տիգրան Թորոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նկատեց, որ այս յուշահամալիրը միայն յարգանքի տուրք չէ մարդկութեան պատմութեան ամենազանցալի ոճրագործութիւններէն մէկուն զոհ գացած միլիոնաւոր մարդոց յիշատակին. [...]
November 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Յաջորդական երկրորդ օրը ըլլալով, Երկուշաբթիէն Երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին խռովութիւններ տեղի ունեցան Փարիզի հիւսիսաին արուարձաններուն մէջ, որոնց ընթացքին տասնեակներով ոստիկաններ վիրաւորուեցան եւ ոստիկաններ ձերբակալեցին առնուազն վեց կասկածելիներ: Խռովարարններ նաեւ հրկիզեցին քանի մը ոստիկանական ինքնաշարժներ:
Խռովութիւնները սկսած էին Կիրակի օր, երբ արագ սուրացող ոստիկանական ինքնաշարժ մը արկածով մը սպաննած էր 15 եւ 16 տարեկան [...]
November 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ես կարծածիդ չափ այդքան ալ գրագէտ մէկը չեմ, որ կարենամ երկար-բարակ մէկ կտոր գիտցածս չգիտցածս խօսիլ. փառք տիրոջ, կեանքս ապրեր եմ ու եկեր եմ հոս հանգիստ ընելու, ապրած շրջանիս ալ արդէն չէի կրնար երկու նախադասութիւն քով քովի շարադրել ու խօսիլ. բան մը կ’ուզե՞ս հասկնալ. մէկ-մէկ հարցուր եւ ես քեզի մէկիկ-մէկիկ կը պատասխանեմ, շատ կարճ ձեւով:
[...]
November 27th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Սիրելի՛ հայրենակից
Նախագահական ընտրութիւնների նախօրեակին մենք առաջարկում ենք մի պահ խորհել երկրի կառավարման ղեկը Հ.Յ.Դաշնակցութեան թեկնածուին վստահելու մասին:
Ի դէմս դաշնակցական թեկնածուի՝ մենք առաջարկում ենք ընտրութիւն կատարել՝ յանուն իրական կուսակցութեան, որն ունի գաղափարախօսութիւն ու ծրագիր, ծանօթ է եւ կանխատեսելի.
յանուն քաղաքական թիմի, որը ե՛ւ իր թեկնածուի գործընկերն է, ե՛ւ նրա գործունէութեան պատասխանատուութիւնը կիսողը.
յանուն թեկնածուի, [...]
November 27th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերու հրամանատարութիւնը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին հաղորդեց, թէ երկու անջատ միջադէպերու ընթացքին ամերիկացի զինուորներ ամերիկեան անցարգելներու առջեւ սպաննած են հինգ իրաքցիներ, որոնցմէ մէկը երեխայ մըն էր, իսկ երեքը՝ կիներ:
Նոյն օրը, Տիալա նահանգին մէջ տեղի ունեցած յարձակումներու ընթացքին սպաննուեցան 10 այլ իրաքցիներ:
Յայտնենք, թէ Յորդանան ապրող իրաքցի լրագրողի մը բարեկամները Երկուշաբթի [...]
November 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԱԶԱ, ՀԵՊՐՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին, Արեւմտեան Ափի մէջ տեղի ունեցած ցոյցի մը ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» շարժումի անդամ պաղեստինցի ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ, որոնց հետեւանքով սպաննուեցաւ 35ամեայ ցուցարար մը: Ցոյցը կազմակերպուած էր բողոքելու համար նոյն օրը Աննափոլիսի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովին դէմ:
Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը յայտարարեց, որ [...]
November 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆՆԱՓՈԼԻՍ, Մէրիլէնտ, «Ռոյթըրզ».- Ամիսներու աշխատանքէ ետք Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 27ին տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովին բացման արարողութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ յայտարարեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս համաձայնած են Իսրայէլ-պաղեստինեան տագնապին վերջնական լուծում մը գտնելու նպատակով բանակցութեանց սկսիլ Դեկտեմբեր 12էն սկսեալ, յուսալով զայն ամբողջացնել մինչեւ 2008ի աւարտը:
[...]
November 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Նոյեմբերի 17ին Հրազդան քաղաքի Արուեստի դպրոցում Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւնների յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեանը հանդիպեց կուսակցական ընկերների եւ համակիրների հետ:
«Մեր երկու ընկերների կենսագրութիւնները համեմատելիս հետաքրքիր զուգահեռներ ենք տանում: 1990 թուականին երկուսն էլ անդամագրուել են Դաշնակցութեանը, երկուսն էլ առաջին իսկ օրից մասնակցել են մեր ժողովրդի ազգային-ազատագրական պայքարին: Երկուսն էլ այդ ամբողջ [...]
November 27th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՏԸՐՊԸՆ, Հարաւային Ափրիկէ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Նոյեմբեր 25ին Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցաւ 2010ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի խմբակներուն վիճակաձգութիւնը: Նշենք, որ աւարտախաղերը տեղի պիտի ունենան Հարաւային Ափրիկէի մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը (Եւրոպայի գօտի), որ նախքան վիճակաձգութիւնը դասուած էր հինգերորդ, մաս կազմեց Ե. խմբակին: Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Սպանիա, Թուրքիա, Պելճիքա, Պոսնիա եւ Էսթոնիա:
Ե. [...]
November 27th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Թրքական «Թըրքիշ տէյլի նիուզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով ստեղծուած կացութեան լուծում մը գտնելու ջանքերուն օժանդակելու նպատակով, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ։
Օրաթերթը թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութենէն քաղելով իր տեղեկութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Իրանի նախագահին փոխանցած է Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք քաղաքական [...]
November 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը այլընտրանք մենք չենք տեսնում», երէկ Ասթանայի մէջ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան՝ հակադարձելով պատերազմի անխուսափելիութեան վերաբերեալ ատրպէյճանցի պաշտօնակից Սաֆար Ապիեւի յայտարարութեան:
Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ կայացող ԱՊՀի պաշտպանութեան նախարարներու նիստի աւարտին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Միքայէլ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման շուրջ բանակցութիւններ [...]
November 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Դաշինք» կուսակցութիւնը Նոյեմբեր 24ին կայացած երկրորդ համագումարին որոշեց վերակազմակերպման միջոցով միանալ Հայաստանի ռամկավար ազատական կուսակցութեան:
Ըստ «Դաշինք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեանի, միաւորման գործընթաց վաղ թէ ուշ պէտք է կատարեն ոչ միայն ազգային ազատական գաղափարախօսութիւն դաւանող ուժերը, այլեւ ընկերվարականներն ու համայնավարները, քանի որ «դա է քաղաքական դաշտի ապաքինման միակ դեղատոմսը»:
«Դաշինք» կուսակցութեան նախագահի [...]
November 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Անցեալ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 23ին, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը դարձեալ յետաձգեց մինչեւ Նոյեմբեր 30, նախագահական ընտրութեան ծիրին մէջ համախոհութիւն գոյացնելու ջանքերը շարունակելու նպատակով։ Պըրրի յայտնեց, թէ Նոյեմբեր 30էն առաջ համախոհութիւն գոյացնելու պարագային՝ կարելի է նիստին թուականը յառաջաձգել։
Հակառակ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին յետաձգուելուն, ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ քաղաքական ուժերու անդամ [...]
November 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Անցեալ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան տեղի ունեցան յառաջիկայ տարի Աւստրիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութեան աւարտախաղերու զտումի վերջին հանգրուանի մրցումները, յստակացնելով աւարտախաղերու հասած խումբերու պատկերը:
Ա. խմբակէն մասնակցութեան տոմսը ապահոեց Փորթուկալի կազմը, հակառակ Ֆինլանտայի դէմ իր կատարած վերջին մրցումը սպիտակ հաւասարութեան աւարտելուն: Խմբակի առաջատար Լեհաստան արդէն իսկ ապահոված [...]
November 26th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԼԱՀՈՐ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 26ին, Փաքիստանի նախկին վարչապետ Նաուազ Շարիֆ եւ վերջերս աքսորէ վերադարձած այլ նախկին վարչապետ մը՝ Պենազիր Պութօ, պաշտօնապէս իրենց թեկնածութեան փաստաթուղթերը յանձնեցին համապատասխան մարմիններուն, մասնակցելու համար յառաջիկայ Յունուար 8ին կայանալիք Փաքիստանի խորհրդարանական ընտրութեանց:
Ութ տարի աքսորուած մնալէ ետք Կիրակի օր Փաքիստան վերադարձած Շարիֆ, որուն կառավարութիւնը զօր. Փերւէզ Մուշարրաֆի գլխաւորած պետական հարուածին զոհ [...]
November 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նոյեմբերի 21ին Չաւախքի Մարաբդա գիւղի երկաթուղային կայարանում հանդիսաւոր կերպով սկսուել է Կարս-Ախալքալաք երկաթգծի շինարարութիւնը, որին մասնակցել են Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլին, Ատրպէյճանի առաջնորդ Իլհամ Ալիեւը եւ Թուրքիայի նախագահ Ապտալլա Կիւլը:
Սահակաշւիլին այս երկաթուղու շինարարութիւնը «դարի նախագիծ» է որակել:
«Այսօր պատմական օր է: Վրաստանը դուրս է գալիս փակուղուց: Մենք սկսում ենք երկաթուղու շինարարութիւնը: Սա դարի նախագիծ [...]
November 26th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Երեւան-Մոսկուա հեռատեսիլային կամուրջի միջոցով կայացած քննարկումի ընթացքին, Հայաստանի ԱԺի փոխնախագահ եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց Ամերիկայի մէջ հայկական լոպիին դերակատարութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ: Քննարկումի հիմնական նիւթը հայ-թրքական յարաբերութիւններն էին:
Ռուսիոյ Տումայի անդամ Կոստանդին Զատուլին նոյն քննարկումի ընթացքին ըսաւ, թէ Ռուսիան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունած է մեկնելով բարոյական սկզբունքներէ, խղճի [...]
November 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Այսօր, Նոյեմբեր 27ին կայանալիք Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովին նախօրեակին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտիկ աղբիւր մը յայտնեց, որոշած է իր մասնակցութիւնը բերել խորհրդաժողովին, «սակայն ոչ բարձր մակարդակով»։
Աղբիւրը յայտնեց, որ «Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Աննափոլիսի մէջ պաշտօնապէս Սուրիան պիտի ներկայացնէ»։ Սուրիոյ պետական լրատու գործակալութիւնը աւելի ուշ հաստատեց սոյն լուրը։
Սպիտակ տունը [...]
November 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ ոստիկանութիւնը անցնող շաբաթավերջին ցրուեց ընդդիմադիրներու կազմակերպած հաւաքները, ձերբակալելով ընդդիմադիր գործիչներ։
Ոստիկանութիւնը Կիրակի օր Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ 150 հոգի ձերբակալեց, ներառեալ ընդդիմադիր ղեկավար Պորիս Նեմցովը, որ հետագային ազատ արձակուեցաւ։ Ցոյցը կազմակերպուած էր հակաքրեմլինեան կազմակերպութիւններու «Այլ Ռուսիա» համախմբումին կողմէ: Անիկա կառավարութիւնը կ՚ամբաստանէ Դեկտեմբեր 2ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին ընդդիմութիւնը ճնշելու յանցանքով:
Շաբաթ օր [...]
November 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայկական հիւլէակայանը Նոյեմբեր 24ին, ժամը 14:20ին, վերսկսաւ աշխատիլ՝ միանալով ուժանիւթի ընդհանուր ցանցին:
Այս մասին յայտնեցին ուժանիւթի նախարարութենէն: Նշենք, որ ծրագրուած նորոգութեան եւ վերալիցքաւորման նպատակով, հիւլէակայանի աշխատանքը 45 օրով դադրեցուած էր: Այդ աշխատանքները կատարուած են կայանի ֆինանսական միջոցներով:
November 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրամանագրերով, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն բացուած է Պրազիլի մէջ (նստավայրը մայրաքաղաք Պրազիլիա) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւն՝ Վրաստանի Պաթում քաղաքի մէջ:
ՀՀ նախագահի մամլոյ գրասենեակէն ստացուած հաղորդագրութեան համաձայն, Վրաստանի Պաթում քաղաքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կ’ընդգրկէ Աճարիոյ Ինքնավար Հանրապետութիւնը, Գուրիայի տարածաշրջանը, Իմերեթիի տարածաշրջանը եւ Փոթի քաղաքը:
November 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ընդունած է՝ մեկնելով բարոյական սկզբունքներէն, խիղճի թելադրանքէ եւ համերաշխութեան զգացումէն: Կասկած չկայ, որ Ռուսիան այս հարցով սկզբունքային, սակայն կշռադատուած քաղաքականութիւն կը վարէ: Երէկ այս մասին ըսաւ Ռուսիոյ Տումայի (խորհրդարանի) պատգամաւոր Կոստանդին Զատուլինը՝ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները» թեմայով Երեւան-Մոսկուա հեռատեսիլային կամուրջի միջոցով կայացած քննարկումի ժամանակ:
«Ինչո՞ւ են այս հարցում ռուսները սատարել Հայաստանին», հարց [...]
November 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան.– 22-23 Նոյեմբեր 2007ին, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան (Party of European Socialists, PES) խորհուրդի ժողովը։ Հրաւիրուած կուսակցութիւններու շարքին էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ ժողովին մասնակցեցաւ պատուիրակութեամբ մը, բաղկացած Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Պուլկարիոյ կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սահակ Չալըքեանէ։
Խորհուրդի [...]
November 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՏԻԱՐՊԷՔԻՐ, «Պի.Պի.Սի.».- Յաջորդական երկրորդ շաբաթն ըլլալով, Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Կիրակի, Նոյեմբեր 25ին, այս անգամ Տիարպէքիրի մէջ, բախում ունեցաւ քրտական կուսակցութեան մը հարիւրաւոր համակիրներուն հետ։ Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց ցրուելու համար երկրին միակ քրտական քաղաքական կուսակցութեան՝ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան մէկ հաւաքը, որու ընթացքին կը դատապարտուէր կուսակցութիւնը ապօրինի հռչակելու փորձերը: Նախորդ շաբթուան ցոյցը Վանի մէջ տեղի ունեցած էր:
[...]
November 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլի Շաբաթ օր յայտարարեց, որ Յունուար 5ին կայանալիք կանխահաս ընտրութիւններուն նախօրեակին որոշած է հրաժարիլ պաշտօնէն։ Սահակաշւիլի կառավարութեան մէկ նիստին ընթացքին ըսաւ. «Վաղուընէ սկսեալ (Նոյեմբեր25) ընտրարշաւի կը սկսիմ։ Յառաջիկայ քառասուն օրերուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նինօ Պուրճանածէ նախագահի պաշտօնակատարը պիտի ըլլայ»։
Նոյեմբեր 23ին Վրաստան նշեց չորրորդ տարեդարձը Վարդագոյն յեղափոխութեան, որ տապալեց նախկին [...]
November 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »