Home » December 27th, 2007Entries posted on “December, 2007”
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դատաիրաւական բարեփոխումներու երկրորդ փուլով, 2008ի Յունուարէն պիտի սկսի գործել Հայաստանի նոր դատական համակարգը՝ սահմանուած նոր դատական օրէնսգիրքով, յայտնեց Վճռաբեկ դատարանի նախագահ Յովհաննէս Մանուկեան, Դեկտեմբեր 25ին, 2007ի ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն մասին իր զեկուցումին մէջ:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 26ին նախագահ Քոչարեան այցելեց Վճռաբեկ դատարան, ուր դատարանի նախագահ Յովհաննէս Մանուկեան իրեն ներկայացուց դատական համակարգի այս տարուան [...]
December 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Այս տարին աւարտեցինք եւ ահա կանգնած ենք Նոր տարուան սեմին, նոր ծրագիրներ մշակելով մեր մտքերուն մէջ եւ յուսալով, որ անպայման կ’իրականացնենք այդ ծրագիրները: Շատ հաճելի է որոշել լաւ բաներ, յուսադրիչ է մտածել եւ ծրագրել այնպիսի քայլեր, որոնք կը բարեփոխեն մեր կեանքն ու էութիւնը: Պատրաստ ենք այդ բոլորին եւ վստահ ենք, որ կրնանք կատարել զանոնք: Անշուշտ, [...]
December 27th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՖԻՖԱն Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, հրապարակեց 2007ի աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու Դեկտեմբեր ամսուան նոր դասաւորումը, որ պիտի ըլլայ այս տարուան վերջինը:
Արժանթին տարին աւարտեց պարագլուխի դիրքին վրայ՝ 21 կէտով գերազանցելով Պրազիլը: Աշխարհի ախոյեան Իտալիա գրաւեց երրորդ դիրքը՝ 25 կէտով ետ մնալով Արժանթինէն:
Արժանթին նաեւ շահեցաւ տարուան լաւագոյն ազգային խումբի տիտղոսը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը երեք դիրք [...]
December 27th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նախագահ Ճորճ Պուշ ստորագրեց արտաքին օժանդակութեանց այն օրինագիծը, որ կ’առաջադրէ Հայաստանին տրամադրել 58.5 միլիոն տոլար տնտեսական օժանդակութիւն, միաժամանակ՝ հաւասարաչափ պահելով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին տրուելիք զինուորական օժանդակութիւնը, հաղորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ուաշինկթընէն:
Այս օժանդակութիւնները 2008ի ելեւմտական տարուան համար են:
Հայաստանի տնտեսական օժանդակութիւնը 17.5 միլիոնով նուազ է, բաղդատած 2007ի յատկացումին, սակայն մեծ չափով աւելի է [...]
December 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութեան Դեկտեմբեր 27ի որոշումով՝ 2008ին ծնող երրորդ եւ յաջորդ երեխաներուն համար տրամադրուող դրամական օգնութիւնը բարձրացած է 300 հազար դրամի՝ 2007ի համար սահմանուած 200 հազար դրամի փոխարէն:
Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Արտեմ Ասատրեանի, կատարուած օրէնսդրական փոփոխութիւններով յստակացուած է նաեւ գումարի տրամադրման կարգը:
Ա. Ասատրեան յայտնեց նաեւ, որ առաջին եւ 2րդ երեխաներու ծննդեան [...]
December 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան երեսփոխանները վերջերս յախուռն յայտարարութիւններ կը կատարեն, մտահոգութիւն ու զարմանք պատճառելով Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին, անոնք նոր պնդումով մը ցնցեցին հանրային կարծիքը։ Արդարեւ, կուսակցութեան կեդրոնական վարչական մարմինը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը պնդուի, որ բանակի հրամանատարութեան կողմէ մամուլին թելադրուած ուղղութեամբ համընդհանուր պատերազմ մը հռչակուած է քիւրտերու դէմ։
[...]
December 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան Վանի երեսփոխան Էօզտալ Իւչէր անցնող շաբաթավերջին Անգարայի զարմանքն ու զայրոյթը իր վրայ հրաւիրեց երբ Աղրըի մէջ քրտերէն ճառ մը արտասանելէ վերջ չուզեց լրագրողներուն թրքերէնով ալ բացատրութիւն տալ իր ըսածներուն մասին ու անոնց յանձնարարեց քրտերէն գիտցող թարգմանիչ մը գտնել։ Այս շատ անսովոր ընթացքը անվայել նկատուեցաւ երեսփոխանի մը համար, որ շատ [...]
December 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 30ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Քրեսէնթա հովիտի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Ճաշկերոյթին գլխաւոր նպատակն էր շրջանի եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրի իրականացման համար նիւթական նուիրատուութիւն ապահովել։
Ձեռնարկին ներկայ էին Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Ս. Աստուածածին [...]
December 27th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի նախագահները Չորեքշաբթի օր խոստացան իրենց երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ գործակցութիւնը աւելցնել եւ սահմաններու հսկողութիւնը ամրապնդել՝ արգելք հանդիսանալու համար սահմանին երկու կողմերուն վրայ «Թալեպան» շարժումի եւ «Քայիտա»ի զինեալներուն գործունէութեան։ Փաքիստանի նախագահ Փերւէզ Մուշարրաֆ Իսլամապատի մէջ Աֆղանիստանի նախագահ Համէտ Քարզայի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «երկու երկիրներէն [...]
December 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայ լեզուին նուիրուած տօնակատարութիւն՝ աւելի քան 200 մշակութասէրներու ներկայութեան, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11ին։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։
Եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2007 տարին հռչակած [...]
December 27th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Դեկտեմբեր 26ի հրամանագիրով, արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան շնորհուեցաւ դեսպաններ Արա Հենրիի Այվազեանին, Վահէ Վազգէնի Գաբրիէլեանին, Վահրամ Ռոպերթի Կաժոյեանին, Օլէկ Եսայիի Եսայեանին, Վահագն Գուրգէնի Մելիքեանին, Զօհրապ Հրաչիկի Մնացականեանին, Եղիշէ Ռուբէնի Սարգսեանին, Արշակ Պօղոսի Փոլադեանին եւ նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Շահէն Գրիգորի Աւագեանին:
Արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարարի [...]
December 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. կանոնադրութիւնը խախտելու՝ նախագահական ընտրութիւններուն այլ թեկնածուի քարոզչութիւն կատարելուն համար, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կուսակցութեան շարքերէն հեռացուցած է Ռազմիկ Դաւոյեանը:
December 27th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Յարգելի ներկաներ եւ սիրելի ընկերներ,
Չեմ եկել տօնակատարութեան մասնակցելու, եկել եմ պարտքի գիտակցութեամբ մի շրջան, որի նկատմամբ ամբողջ հայութիւնը եւ մասնաւորաբար Սփիւռքը յարգանք ունի, պարտք ունի եւ սրտի դողով հետեւում է ձեր մտահոգութիւններին, ձեր անորոշութեանը եւ հակառակ առկայ առօրեայ դժուարութիւններին՝ չի կարող անտեսել, չկարեւորել ձեր ցուցաբերած համահայկական կեցուածքները՝ ի խնդիր Հայ Դատի, երկրում ինքնուրոյն կենսունակ [...]
December 27th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ քննադատուիլ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող շրջաններու զէնք ծախելուն համար, իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, թէ նորագոյն տուեալներու համաձայն Իսրայէլ Մեծն Բրիտանիայէն խլած է զէնք արտածող երկիրներու համաշխարհային ցանկին մէջ չորրորդ դիրքը, այս տարուան ընթացքին ստորագրուած առնուազն 4.3 միլիառ տոլար արժող համաձայնագիրներու շնորհիւ:
Իսրայէլեան ռազմական արտադրութեան կարեւորագոյն յաճախորդներն են Հնդկաստանը, Թուրքիան, Միացեալ [...]
December 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին խոստացաւ շարունակել հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու դէմ յարձակումները, պատասխանելով ընդդիմադիր շրջանակներու այն քննադատութեանց, թէ կառավարութիւնը կը խուսափի հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական ընդարձակ գործողութիւն կատարելէ:
Ընդդիմադիրներ նաեւ կը պնդեն, թէ Ամերիկա կը զօրակցի Թուրքիոյ, որովհետեւ վարչապետ Էրտողան ամերիկացիներուն խոստացած է անոնց զօրակցութեան [...]
December 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՌԱՈՒԱԼՓԻՆՏԻ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին, անձնասպանական արարքի մը զոհ գնաց Փաքիստանի նախկին վարչապետ Պենազիր Պութոն, Յունուար 8ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար Ռաուալփինտիի մէջ կազմակերպուած ընտրական հաւաքէ մը անմիջապէս ետք:
Ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ 54ամեայ Պութօ սպաննուած է, երբ դուրս կու գար հաւաքէն: Զինեալ մը նախ կրակ բացաւ նախկին վարչապետին վրայ եւ ապա իր վրայի ականները [...]
December 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ճոզէֆ Փենինկթըն հետեւեալ ամանորեայ ուղերձը յղած է հայ ժողովուրդին.-
«Ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի ժողովրդին բարեկամութեան եւ այն նուիրման համար, որ շարունակաբար դրսեւորւում է Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգների կուռ կապերն ամրապնդելու հարցում: Սա մի օր է, երբ մենք նշանաւորում ենք այն ամէնը, ինչ մեզ միաւորում է որպէս [...]
December 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ԱԺ Հ.Յ.Դ Խմբակցութեան Գրասենեակ.- Տօնական օրերու առիթով ԱԺ Հ.Յ.Դ խմբակցութիւնը հետեւեալ հաշուետուութիւնը եւ շնորհաւորական խօսքը ուղղեց հայութեան.-
«Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան համար 2007 թուականը ընտրապայքարի, քաղաքական ճշգրտումների եւ օրէնսդրական գործառոյթների բարդ ու բեղուն ժամանակաշրջան էր: Կուսակցութեան խմբակցութիւնը փորձեց անել իրենից կախուած ամէն բան՝ երկրի ընկերային-տնտեսական համակարգի կենսագործունէութեանը նպաստող օրէնսդրական հիմքերի ստեղծման եւ կատարելագործման ուղղութեամբ, [...]
December 27th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լրագրողներու պաշտպան յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան ընթացքին առնուազն 64 լրագրողներ սպաննուած են աշխարհի տարածքին, ինչ որ ամենաբարձր թիւն է 1994էն ի վեր: Այդ տարի 66 լրագրողներ սպաննուած էին, մեծամասնութեամբ Պոսնիոյ, Ռուանտայի եւ Ալճերիոյ մէջ: 2006ին 56 լրագրողներ սպաննուած էին աշխարհի տարածքին:
Իրաք յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով կը մնայ լրագրողներու համար [...]
December 27th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նոյեմբեր 9էն Դեկտեմբեր 7 երկարող օրերուն, Կլէնտէյլի «Սթարզ» թատրոնին բեմին վրայ էր նորէն «Մեղուներու խումբ»ը, այս անգամ «Ուաթս-ափ հայեր» կատակերգութիւնով, ղեկավարութեամբ հեղինակ եւ բեմադրիչ Զoհրապ Եագուպեանի: Դարձեալ հաւատարիմ իրենց սկզբունքին՝ «Մեղուներ»ը բեմ ելան զուարճութեան հաճելի պահերով ուրախացնելու հադիսատեսը: Հաճելի անակնկալ կը սպասուէր, որովհետեւ բեմին վրայ էր խումբին հիմնադիր անդամներէն եւ յատկապէս լիբանանահայ թատերասէր համայնքին լաւապէս [...]
December 27th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Նոյեմբերի վերջերուն, լոյս տեսաւ բազմավաստակ բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանի բանաստեղծութիւններու նորագոյն հատորը՝ «Մեսրոպավէպ»ը, նուիրուած՝ Հայ գիրի ու հայկական գրաւոր մշակոյթի ստեղծիչներուն։
«Մեսրոպավէպ»ով, հեղինակը գործնապէս ընդառաջած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին, որ 2007 տարին հռչակած էր Հայ լեզուի տարի։ Անիկա կ՚ընդգրկէ այս նիւթին նուիրուած հին ու նոր բանաստեղծութիւններ։ Հատորին հրատարակութիւնը տեղի [...]
December 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերի կէսօրին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունեց Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանի առաջնորդութեամբ խումբ մը նախկին բանտարկեալներ, որոնք եկած էին խոստովանանքի եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալու։
Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին արարողութեան մասնակցեցան Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան [...]
December 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Շուտով, շատ շուտով մեր դռներից ներս կը մտնեն Նոր տարին, Սուրբ Ծննդեան տօները: Կը նստենք տօնական սեղանների շուրջ, կը շնորհաւորենք միմեանց ամենաբարի ցանկութիւններով ու մաղթանքներով: Կը գոհանանք Աստուծուց մեր ամէն մի յաջողութեան համար, ի հարկէ անյաջողութան համար էլ, քանի որ նա մեզ խորհել կը տայ, թէ մենք որտեղ ենք թերացել, կամ՝ պարզապէս ճիշդ չենք վարուել:
[...]
December 26th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Յաճախ կը հանդիպինք անձերու, որոնք կ՚ունենան շունչի անհաճոյ եւ գարշելի հոտ։ Շունչի գարշահոտութիւնը առարկայական կը կոչուի, երբ անհատ մը կը գանգատի իր շունչի գարշահոտութենէն եւ այդ կը նշմարուի նաեւ այլ անձերու կողմէ։ Երբ անհատ մը ինք միայն կը գանգատի իր գարշահոտութենէն, առանց ուրիշներու նկատողութեան, երեւոյթը կ՚ըլլայ ենթակայական։ Կարգ մը հոգեբանական հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներ կ՚ունենան ենթակայական [...]
December 26th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին, Սպիտակ տունը անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ մտահոգ է հիւսիսային Իրաքի դէմ թրքական յարձակումներով եւ զուսպ մնալու կոչ ըրաւ Անգարայի իշխանութեանց:
Սպիտակ տան բանբեր Սքաթ Սթէնզըլ անմիջապէս աւելցուց, թէ Ուաշինկթըն կը շարունակէ «ահաբեկչական» կազմակերպութիւն համարել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը, սակայն շեշտեց, թէ Թուրքիա այս հարցին շուրջ պէտք է գործակցի Միացեալ [...]
December 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Փաքիստանի տրամադրուած աւելի քան հինգ միլիառ տոլար արժողութեամբ զինուորական օժանդակութիւնը չի հասնիր ճակատին վրայ «Քայիտա»ի եւ թալեպաններու դէմ պայքարող փաքիստանցի զինուորներուն։
Օրաթերթը մէջբերեց խօսքերը այն պաշտօնատարներուն, որոնք կը յայտնեն, թէ գումարին մեծամասնութիւնը կը ծախսուի Հնդկաստանի դէմ դնելու զինուորական համակարգերուն վրայ՝ իսլամական զինեալներուն դէմ պայքարին փոխարէն: [...]
December 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարզական ոլորտի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը 2007ին կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրները եւ որոշած է հետագայ ծրագիրները: Դեկտեմբեր 25ին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտնեց նախարար Արմէն Գրիգորեան:
Նախարարութիւնը կազմակերպած է 10 մեծ ձեռնարկներ, կամ աջակցած է նախագահին կողմէ սահմանուած Հայաստանի լաւագոյն մարզական ընտանիքի մրցումներուն, զինակոչային եւ նախազինակոչային տարիքի երիտասարդներու [...]
December 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կրթութեան ազգային ծրագիրի վերջնական տարբերակը, իբրեւ կրթութեան գերակայութիւնները ամփոփող հայեցակարգ, մինչեւ տարուան աւարտը պիտի ներկայացուի կառավարութեան՝ առ ի վաւերացում: Այս մասին Դեկտեմբեր 26ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտնեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
Ըստ նախարարի, ծրագիրը ներառած է կրթութեան բնագաւառի զարգացման ու կայացման համակարգերը եւ գերակայ ուղղութիւնները մինչեւ 2015:
«Սա կը լինի այն [...]
December 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Դեկտեմբեր 24ին Չաւախքի եւ Քուեմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ներկայացուցիչները Վրաստանի Յունուար 5ի նախագահական ընտրութիւններու առնչութեամբ հրապարակեցին յայտարարութիւնը, յայտնելով, թէ ոչ մէկ թեկնածուի պիտի զօրակցին:
Յայտարարութիւնը կ’ըսէ. «Մենք՝ Սամցխէ-Չաւախքի եւ Քուեմօ Քարթլիի տարածաշրջանների հայկական հասարակական կազմակերպութիւնների խորհրդի ներկայացուցիչներս, յայտարարում ենք, որ երկրում 2008 թուականի Յունուարի 5ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններին մեր խորհուրդը չի [...]
December 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի ընդհանուր դատախազի գրասենեակը յայտարարեց, որ նախագահութեան թեկնածու Պատրի Փաթարքացիշւիլիի ընտրական գրասենեակի պետ եւ վրացական խորհրդարանի անդամ Վալերի Կելպախիանի դաւադրութիւն մը կազմակերպելու յանցանքով ամբաստանուած է:
Ընդհանուր դատախազի տեղակալ Նիքա Կվարամիա Երկուշաբթի օր յայտնեց, որ Կելպախիանի «Վրաստանի սահմանադրական կարգը տապալելու դաւադրութիւն պատրաստելու մէջ կասկածելի է»։ Ան յայտնեց, որ ծրագրուած էր դաւադրութիւնը գործադրել Յունուար 5ի [...]
December 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Երէկ, Դեկտեմբեր 26ին, Վանաձորի մէջ պաշտօնապէս տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը, ուր կուսակցութեան ներկայացուցիչները նշեցին, որ ինչպէս 117 տարիներ առաջ, այսօր եւս Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ձգտի նոյնին՝ կերտել Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն ՀՀ նախագահութեան թեկնածու Վահան Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 24ին Հ.Յ.Դ. [...]
December 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԽՄԲ.- Հաղորդած էինք արդէն, որ Կիրակի, Դեկտեմբեր 16ին, Հայաստանի նախագահութեան թեկնածուն հանդիպում ունեցած էր լոսանճելըսաբնակ մտաւորականներու հետ՝ Հ.Յ«Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի «Փէշէքէրեան» կեդրոնին մէջ:
Ստորեւ կու տանք այդ հանդիպումին մասին շահեկան մանրամասնութիւններ:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Հայաստանի նախագահական թեկնածու Վահան Յովհաննիսեանի Լոս Անճելըս կատարած կարճատեւ այցի շրջանակում, Հ.Յ.Դ. [...]
December 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի կառավարութիւնը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 24ին գումարեց նիստ մը՝ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի նախագահութեամբ։ Յայտնենք, կառավարութենէն հրաժարած են ընդդիմադիր նախարարները, հարցականի տակ առնելով անոր օրինականութիւնը: Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը վաւերացուց Լիբանանի սահմանադրութեան 49րդ յօդուածը փոփոխութեան ենթարկող օրինագիծը, ինչպէս նաեւ որոշեց խորհրդարանի արտակարգ նիստեր գումարելու նստաշրջան մը բանալ Յունուար 1էն մինչեւ Մարտ 17, 2008։ Նիստէն ետք տեղեկատուութեան [...]
December 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադրութեան 25ամեակի առթիւ հանդիսութիւն-ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 2, 2007ի կ.ե. ժամը 4ին, եկեղեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ նախագահութեամբ Արթուր եւ Արմինէ Արթէնեաններու եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի, հոգաբարձութեան եւ Կիրակնօրեայ դպրոցին։
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Միւռոն Ծ. վրդ. [...]
December 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կառավարութիւնը հաղորդեց, որ դէպի Իսրայէլ հրեաներու ներգաղթը կը գտնուի անցնող քսան տարուան նուազագոյն համեմատութեան վրայ։ Արդարեւ, 2007 թուականին նուազ քան 20 հազար հրեայ ներգաղթած է Իսրայէլ։
Դէպի Իսրայէլ հրեաներու ներգաղթը քաջալերող գործակալութիւնը յայտնեց, որ մինչ Իսրայէլ կը կորսնցնէ իր քաշողականութիւնը, հրէական սփիւռքին մէջ ապրողները իրենց երկիրները լքելու նուազ ազդակներ ունին։
Իսրայէլի վերադարձի [...]
December 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀՀ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՎԱՐԻՉ՝ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՀԱՐԱՑԱԶՐՈՅՑԸ ՎԱՐԵՑ՝ ՆԱՐԻՆԷ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ է Չաւախքի մէջ տիրող ներկայ ընդհանուր իրավիճակը։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Չաւախքի այսօրուայ վիճակը բաւական ծանր է։ Եթէ նոյնիսկ փորձենք այնտեղ քաղաքական, ազգային խնդիրներ չտեսնել, դա չի նշանակում, որ ընկերային–տնտեսական վիճակը բարւոք է, որ կ’ենթադրէր մարդկանց [...]
December 26th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Դեկտեմբեր 25ին հրամանագիրով մը հաստատեց Հայաստանի ռազմական դաւանանքը:
Նախագահի նոյն օրը ստորագրած մէկ այլ հրամանագիրով, փոփոխութիւն կատարուեցաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կազմին մէջ. ժամկէտէն առաջ դադրեցուեցան Աշոտ Աբովեանի լիազօրութիւնները եւ ԿԸՅի կազմին մէջ առնուեցաւ Էտկար Սեդրակեան՝ իբրեւ դատական բաժանմունքի ներկայացուցիչ:
December 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երկրորդ տարին ըլլալով, Հ.Յ.Դ. Պըրպէնքի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութիւնը լոյս կ’ընծայէ գեղատիպ օրացոյց-գրքոյկ մը (planner), որու իւրաքանչիւր շաբթուան էջը կ’ընդգրկէ գեղեցիկ լուսանկար մը՝ արուեստագէտի մը ոսպնեակով:
Այս տարուան օրացոյց-գրքոյկը կը զարդարեն հայրենի արուեստագէտ լուսանկարչուհի Արսինէ Խաչիկեանի լուսանկարները, որոնք կը պատկերեն Հայաստանի բնութեան գեղեցիկ տեսարաններ, պատմական յուշակոթողներ, արուեստի գործեր եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի առօրեան:
Արժէքաւոր հրատարակութիւն մը արդարեւ:
[...]
December 26th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԱՇՔԵՆԹ, «Ռոյթըրզ».- Իւզպէքիստանի նախագահ Իսլամ Քարիմով Կիրակի օրուան նախագահական ընտրութիւններէն յաղթական հռչակուեցաւ։
Նախագահը օտար դէտերու կողմէ ժողովրդավարական չափանիշներուն չհամապատասխանող նկատուած ընտրութեան ընթացքին ապահովեց քուէներուն 88.1 առ հարիւրը։
Իւզպէքիստանի սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն՝ Քարիմով արդէն իսկ ամբողջացուցած է պաշտօնավարութեան երկու նստաշրջանի պայմանը։ Ան որեւէ բացատրութիւն չտուաւ, թէ ինչպէ՞ս կրցած է երրորդ նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը առաջադրել։
[...]
December 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- 2008ի Յունուար 1էն սկսեալ Արցախի մէջ ընտանիքի երրորդ երեխան ծնելու պարագային, «Արցախ» դրամատան մէջ նորածինի անունով պիտի բացուի 500 հազար դրամի հաշիւ, նոյն չափի վճարում պիտի ստանայ նաեւ երեխային մայրը:
Այս որոշում կայացուցած է ԼՂՀ կառավարութիւնը: Չորրորդ եւ յաջորդ երեխաներու պարագային, աւանդի գումարը կը կազմէ 700 հազար դրամ, նոյն չափի վճարում պիտի ստանայ [...]
December 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Վերահսկիչ պալատի նախագահի համար առաջադրեց արդարադատութեան նախարար Արթուր Մոսիյեանի անունը: Դեկտեմբեր 26ին փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ, խորհրդարանի պատգամաւորները հաւանութիւն տուին նախագահի առաջադրած թեկնածուին եւ 24 թեր, 3 դէմ քուէներով Արթուր Մոսիյեան նշանակուեցաւ ԼՂՀ վերահսկիչ պալատի նախագահ:
Երէկ Արցախի Աժը հաստատեց նաեւ 2008ի պետական ամավարկը: Դէմ քուէարկեց ընդամէնը մէկ պատգամաւոր:
Ամավարկի [...]
December 26th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արդէն կը գործադրուի «Windows vistas» համակարգչային ծրագիրի տեղայնացման եւ հայերէն տարբերակի փորձարկումներու վերջին փուլը: Այս մասին յայտնեց «Microsoft» ծրագիրի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Գրիգոր Բարսեղեան եւ նշեց, որ 2008ի սկիզբին արդէն պիտի յայտարարուի հայերէն տարբերակի անվճար տարածումը:
Նշենք, որ «Windows XP»ի հայերէն տարբերակը աւարտած էր անցեալ տարեսկիզբին: 2008ի ընթացքին պատրաստ պիտի ըլլայ նաեւ «Windows [...]
December 26th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Վերջերս գաղտնազերծուած փաստաթուղթեր բացայայտեցին, թէ «Էֆ.Պի.Այ»ի նախկին ղեկավար Ճէյ. Էտկըր Հուվըր Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան համար հաւանական վտանգ ներկայացնող 12 հազար ամերիկացի ձերբակալելու ծրագիր մը ունէր։ «Նիւ Եորք թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հուվըր իր այս առաջարկը ուղարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Հերի Թրումընի՝ 1950 թուականին քորէական պատերազմի սկսելէն անմիջապէս առաջ։ Հուվըր նախագահէն [...]
December 26th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԱԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ին, եւրոպացի ղեկավարներ ողջունեցին Հինգշաբթի օր սկսած արեւելեան եւ արեւմտեան Եւրոպաներուն միջեւ սահմաններու վերացումը, որ հանդիսացաւ նախկին Երկաթէ վարագոյրին խորհրդանշական քանդումը: Արդարեւ, Հինգշաբթի օր Եւրոպական միութեան 2004ին անդամակցած ինը երկիրները միացան այն 15 երկիրներուն, որոնց քաղաքացիները կրնան առանց անցագրի անցնիլ իրարու սահմաններէն:
Ցարդ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն միայն Բրիտանիա եւ Իրլանտա չեն [...]
December 21st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Դեկտեմբեր 1, 2007ին Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտուհիներէն, 8րդ կարգէն Վարդի Պոյաճեան եւ 7րդ կարգէն Մէրի Նաճարեան մասնակցեցան National Cross Country Championship Amateur Athletic Union-ի խմբային մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան Վըրճինիա նահանգին մէջ։ Վարդի եւ Մէրի երկարատեւ եւ աննահանջ աշխատանքով ձեռք բերին պատուաբեր մրցանակներ, հպարտութեմբ լեցնելով մեր սրտերը եւ միաժամանակ խթան հանդիսանալով իրենց տարեկիցներուն։
Մէրի Նաճարեան [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայ հնագէտներու վերջին տարիներու կատարած հնախուզական աշխատաքներուն իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի մէջ յայտնաբերուեցաւ Գառնիէն ետք երկրորդ հեթանոսական տաճարը: Երեւանէն մօտաւորապէս 30 քմ. հարաւ-արեւելք գտնուող, ներկայ Արտաշատ քաղաքէն ոչ հեռու յայտնաբերուած տաճարը նուիրուած է հայկական դիցաբանութեան արեւի աստծուն՝ Միհրին: Արեւապաշտութեան խորհրդանիշ տաճարը կառուցուած է Արտաշատի մօտ, որ Հայաստանի ամէնէն երկարատեւ մայրաքաղաքը կը հանդիսանայ (Ք.Ա. 2րդ դարէն Ք.Ե. [...]
December 21st, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՀԱՒԱՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Քուպայի նախագահ Ֆիտէլ Քասթրօ յայտնեց, որ իր պարտականութիւնն է իշխանութեան չկառչիլ կամ աւելի երիտասարդ անձերու իշխանութեան հասնելուն արգելք չհանդիսանալ։ Լրագրողներ հաղորդեցին, որ պատկերասփիւռէն կարդացուած Քասթրոյի նամակը մինչեւ հիմա առաջին ակնարկութիւնն է, թէ 81ամեայ նախագահը կրնայ մօտիկ ապագային հրաժարիլ Քուպայի ղեկավարի իր դիրքէն։
Անցեալ տարի ան իշխանութիւնը ժամանակաւոր կերպով յանձնեց իր եղբօր՝ Ռաուլ Քասթրոյի։ [...]
December 21st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատարներ, որոնք մերժեցին իրենց ինքնութիւնը բացայայտել, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ին յայտնեցին, թէ սկսած են լրջօրէն քննել զինադադար մը հաստատելու պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան կոչը, որուն մանրամասնութիւնները պարունակող փաստաթուղթը Իսրայէլի իշխանութիւններուն հասած է Եգիպտոսի միջոցաւ:
Իսրայէլ եւ պաղեստինեան իշխանութիւնը իրենց յարաբերութիւնները խզած են Կազան իր հակակշռին տակ առած «Համաս»ին հետ:
Նոյն օրը, [...]
December 21st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրներուն մասին գաղտնի տեղեկութեանց վերլուծման ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ մօտ օրէն հանդիպում մը պիտի ունենան՝ քննարկելու համար հիւլէական զէնքեր արտադրելու ուղղութեամբ Իրանի արձանագրած յառաջդիմութեան վերաբերեալ երկու երկիրներու իրարմէ տարբեր արժեւորումները։
Իսրայէլ, որ Իրանի գծով Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեանց տեղեկագիրին եզրակացութենէն անակնկալի մատնուած էր, հանդիպումին նախաձեռնող կողմն է։
[...]
December 21st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՑԻՒՐԻԽ, «Ռոյթըրզ».- Իտալական «Ա.Սէ. Միլան» խումբի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ Քաքա ընտրուեցաւ այս տարուան ՖԻՖԱի լաւագոյն ֆութ-պոլիստը:
25ամեայ Քաքա կէտերու մեծ տարբերութեամբ գերազանցեց սպանական «Պարչելոնա»ի մաս կազմող արժանթինցի Լիոնէլ Մեսսին եւ «Մանչեսթըր եունայթըտ»ի փորթուկալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը։ Քաքա ապահովեց 1047 կէտ, Մեսսի՝ 504, իսկ Ռոնալտօ՝ 426։
Փղոսկրեայ [...]
December 21st, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքներու ընկերակցութիւնը (ԿԿՔՔԸ), Նոր տարուան նուիրահաւաքի իր աշխատանքներու ծիրէն ներս, աւելի քան 1700 նուէրներ հաւաքած է Կապանի մանկապարտէզներու աշակերտութեան համար: Նուիրահաւաքի այս աշխատանքը կը կազմակերպուէր յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով:
Հոկտեմբերի սկիզբը ուղարկուած նուէրները Դեկտեմբերին հասած եւ արդէն իսկ բաժնուած են Կապանի 12, ինչպէս նաեւ մերձակայ 19 շրջաններու եւ գիւղերու մանկապարտէզներու աշակերտութեան, ցնծութիւն պարգեւելով [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Նոյեան Տապան».- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչական բաժինը հրատարակեց «Սուրբ գրքի մեկնութիւններ» մատենաշարի երրորդ գիրքը՝ Հայ եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրերէն՝ Ներսէս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Հաւատամքի եւ Հայր Մերի» ընդհանուր վերնագիրով երկու երկերը: Անոնք աշխարհաբարի վերածած է Սեդա Ստամբոլցեանը:
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ օգնութեան միութեան «Կարին» մասնաճիւղին, Կիրակի, 16 Դեկտեմբեր 2007ի կէսօրէ ետք ժամը 2:30ին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի երէցներու ծառայութեան հիմնադրութեան 20ամեակի տօնակատարութիւնը «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թորոսեանի, Ազգ. վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեանի, հարիւրէ աւելի ՀՕՄուհիներու, երէցներու ու համակիրներու:
Տէր հօր սեղանի օրհնութեան ու ճաշի սպասարկումէն [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանը պէտք չէ ստորագրէ որեւէ փաստաթուղթ, ըստ որուն ստիպուած կ’ըլլայ հրաժարիլ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ մշակուած Հայաստանի սահմաններու իրաւարար փաստաթուղթի սկզբունքներէն: Այս յայտարարութիւնը Դեկտեմբեր 21ի ասուլիսի ընթացքին կատարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսօրուան սահմանները Կարսի դաշնագրի հիման վրայ են, դաշնագիր մը, [...]
December 21st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը կը հաղորդէ, թէ Ս. Ծննդեան օրը, նախորդ տարիներու նման, Յունուար 6ին, առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլիանոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ (Պըրպէնք) տեղի պիտի ունենայ առաջնորդ սրբազան հօր Ս. Ծննդեան ընդունելութիւնը՝ երեկոյեան ժամը 6էն գիշերուան 9ը:
Ընդունելութիւնը բաց հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն համար:
Սուրբ Ծննդեան օրը կազմակերպուած այս ընդունելութիւնը գեղեցիկ [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեամբ Դեկտեմբեր 21ին տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, ուր քննուեցաւ Հայաստանի ռազմական դաւանանքի նախագիծը:
Նախագահ Քոչարեան նշեց, որ ըստ սահմանուած ժամանակացոյցի, մօտեցած է զայն որդեգրելու պահը, եւ թէեւ նախագիծը երկարատեւ ու հանգամանալից քննարկումներ անցած է, սակայն անհրաժեշտ է, որ մինչեւ համապատասխան հրամանագիրի ստորագրումը, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը [...]
December 21st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
Շատ մը գործեր դժուար կը համարուին մարդոց կողմէ: Յատկապէս արհեստներու տաժանելի տեսակներուն համար դժգոհութիւն կ’արտայայտեն ո՛չ այնքան արհեստաւորները իրենք, այլ երբեմն՝ անոնց աշխատանքը հեռուէն դիտողներ: Մարդիկ, որոնք բնա՛ւ ալ օր մը նոյն արհեստին ճամբով իրենց ապրուստը ճարելու պիտի չստիպուին թերեւս, յաճախ «կը խղճան» այն արհեստաւորներուն, որոնք, ըստ իրենց, «պատառ մը հացի համար» այսքան դժուարին աշխատանք [...]
December 21st, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
Անգամ մը եւս հաւաքուած ենք այստեղ, անգամ մը եւս դուք, ընդառաջելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հրաւէրին, համատեղուած, բոլորուած էք այստեղ, լսելու համար Դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը, քննելու եւ արժեւորելու համար Դաշնակցութեան տարած գործունէութիւնը անցնող մէկ տարուան ընթացքին եւ ձեր զօրակցութիւնը ցոյց տալու համար, որպէսզի այս գործունէութիւնը շարունակուի ի խնդիր մեր հասարակաց արժէքներու եւ երազներու իրականացման։
Սիրելիներ,
Նոյնիսկ 117 [...]
December 21st, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
«Ա.».- Վերի խորագրով, Կիպրոս լոյս տեսնող կիպրահայ «Ազատ ձայն» ամսագիրը կը հաղորդէ հետեւեալը, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ առանց մեկնաբանութեան:
2007ի Նոյեմբեր ամսուան 8-11 օրերուն, հերթական այցով Կիպրոս կը գտնուէր Բարեգործականի Կեդրոնական մարմնի ատենապետ պրն. Պերճ Սեդրակեան, տեսակցութիւններ ունենալու համար հայ եւ ոչ հայ անձնաւորութեանց հետ։
Այս այցելութիւնը տեղի տուաւ «Մելգոնեան»ի հաւանական վաճառքի մասին յարուցուած [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Երեւանի ջերմաելեքտրակայանին կցուած շոգեկազային բաժինի կառուցման աշխատանքները պիտի կատարեն միջազգային մրցոյթով յաղթող ճափոնական «Mitsui & Co.LTD» եւ հարաւքորէական «GS Engineering & Construction Corporation» ընկերութիւնները:
Նշենք, որ այս աշխատանքներուն համար Ճափոնական դրամատունը տրամադրած է մօտ 150 միլիոն տոլարի վարկ եւ զայն նախատեսուած է աւարտել 2009ի Սեպտեմբերին:
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՉԱՐՍԱՏԱ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ին, Փաքիստանի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մզկիթներէն մէկուն մէջ անձնասպանական յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուեցաւ առնուազն 50 հոգի, մինչ յարձակումին հաւանական թիրախը հանդիսացած ներքին գործոց նախկին նախարարը՝ Աֆթապ Խան Շերփաօ, անվնաս խուսափեցաւ, սակայն անոր զաւակը վիրաւորուեցաւ:
Նախկին նախարարը անցեալ Ապրիլին եւս մահափորձէ մը խուսափած էր:
Իշխանութիւնները յարձակումէն քանի մը ժամ ետք ձերբակալեցին եօթը [...]
December 21st, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Վերստին ամաչելով խոստովանեմ, թէ Երեւանում իմ օրերից շատ բաժինն է մնացել, հիմնականում բանւորութեան կողմից զբաղեցուած տրամվայների չոր նստելատեղերին, որոնց ոչ միայն կարօտում եմ, այլեւ պարտական եմ մնում, երբ անընդհատ զնգրտոց դնելով արթուն վիճակի էր մղում, որ միայն ու միայն հոգանք՝ մեծ ժամանակից ինձ ու իմ պէսներին տրուած այդ մի փշուր ազատ ժամանակը զուր չվատնել եւ [...]
December 21st, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Լոս Անճելըս իր կարճատեւ այցելութեան առիթով, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան Երեքշաբթի, 18 Դեկտեմբերի կէսօրին այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ ընդունուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Հիւր խմբագիրը ծանօթացաւ Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքին ու անոր յարկին տակ տարուող աշխատանքներու ծիրին, ապա իր կարգին որոշ ծանօթութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Լիբանանի իրավիճակին ու յատկապէս «Ազդակ»ի աշխատանքներուն մասին։ [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 21ին սկսաւ գործել երկար սպասուած Խուտարաշէն-Մարտակերտ ջրատարը, որուն շնորհիւ ըմպելի ջուրով մնայուն կերպով պիտի ապահովուին Մարտակերտը եւ մերձակայ Մեծ Շէն, Մաղաւուզ, Մինկրելսք, Վարանկաթաղ գիւղերը, ինչպէս նաեւ զինուորական շարք մը կէտեր:
Չրատարի բացման արարողութեան ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանց, նախարարներ եւ հիւրեր:
[...]
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ազգային առաջնորդարանը Կիրակի, 16 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, յատուկ հանդիսութեամբ մը տօնակատարեց Հայ լեզուի տարին, հանդիսութիւն մը՝ որ իր բնոյթով ու անոր ընթացքին արձանագրուած արտայայտութիւններով գործնական վերահաստատումն էր մեր գրաւոր մշակոյթին ու ազգային ժառանգութիւններուն յանձնառութեան։
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ, նախահագութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ժողովականութեան անդամներու, հայ դաստիարակներու եւ մշակութասէր [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ երիտասարդական դաշինք հասարակական կազմակերպութեան կողմէ Դեկտեմբեր 13-14ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած հարցախոյզի արդիւնքներու համաձայն՝ 1000 մասնակիցներէն 873ը պիտի մասնակցի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, որ կը կազմէ շուրջ 87 տոկոս:
Հարցումի մը, որ եթէ նախագահական ընտրութիւնները ըլլային այս Կիրակի, ո՞ր թեկնածուն կ’ընտրէին, հարցուածներէն 239ը (27.37տոկոսը) պատասխանած է, որ կը քուէարկէին վարչապետ Սերժ Սարգսեանին, 133ը (15.23 [...]
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2008ի Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու Հ.Յ.Դ. թեկնածուի նախընտրական գլխաւոր գրասենեակը պիտի ղեկավարէ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, այս մասին երէկ, Դեկտեմբեր 21 ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Հրայր Կարապետեան եւ նշեց, որ արդէն կազմուելու վրայ են տարածքային նախընտրական գրասենեակներ:
Հրայր Կարապետեանի նախատեսութեամբ, յառաջիկայ ընտրութիւնները պիտի կայանան երկու փուլով: [...]
December 21st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Զարգացման հայկական գործակալութեան (ԶՀԳ) եւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու (գործատուներու) միութեան միջեւ Դեկտեմբեր 21ին կնքուեցաւ գործակցութեան մասին յուշագիր: Փաստաթուղթը ստորագրեցին ԶՀԳի գլխաւոր տնօրէն Տիգրան Դաւթեան եւ ՀԱԳ(Գ)Մի նախագահ Արսէն Ղազարեան:
Յուշագիրի տրամադրութեանց համաձայն, կողմերը պիտի գործակցին Հայաստան օտար ներդրումներու խթանման, արտածումի ծաւալներու աճի, տեղեկատուական հասարակութեան կայացման նպաստելու, գործարար միջավայրի բարելաւման եւ երկիրի [...]
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ, «Էյ.Փի.», «Քէյ.Թի. Էլ.Էյ.».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21ի գիշերը, UCLA-ի հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 17ամեայ Նաթալի Սարգիսեանը, որ «Սիկնա» ապահովագրական ընկերութլեան ձգձգումներուն հետեւանքով չէր կրցած լեարդի պատուաստումի գործողութեան մը ենթարկուիլ:
Արեան քաղցկեղէ տառապած երիտասարդուհին ամիս մը առաջ իր եղբօրմէն ոսկրածածուի պատուաստումի գործողութենէ մը ետք բարդութիւններ դիմագրաւած էր, սակայն ընկերութիւնը մերժած է հիւանդանոցին արտօնութիւն տալ, որ լեարդի պատուաստում [...]
December 21st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը այս տարի պիտի նշէ իր 15ամեակը, որուն կապակցութեամբ «Ա. Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ այսօր, Դեկտեմբեր 21ին, տեղի պիտի ունենայ յոբելինական համերգ:
Երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Տիգրան Հէքէքեան նշեց, որ յոբելինական համերգին պիտի մասնակցին խումբի նախկին սաներու հաւաքական երգչախումբը, «Հայաստանի փոքրիկ երգիչները» (9-18 տարեկան) եւ «Հայաստանի ամենափոքրիկ երգիչները» [...]
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի կառավարութեան եւ ադամանդի արդիւնահանման ոլորտին մէջ աշխարհի մէջ երկրորդը համարուող «ԱլՌոՍա» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրով, Հայաստան ներածուեցաւ հում ադամանդի առաջին քանակութիւնը՝ շուրջ 1 միլիոն տոլար արժէքով: Այս առիթով Դեկտեմբեր 21ին մէկօրեայ այցով Երեւան ժամանեց ընկերութեան պատուիրակութիւնը՝ «ԱլՌոՍա»ի նախագահ Սերկէյ Վիպորնովի գլխաւորութեամբ:
Ադամանդի առաջին քանակութիւնը պիտի տրամադրուի ադամանդագործութեամբ [...]
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէս իր կեցութեան ընթացքին, փրոֆ. դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան տուաւ երկու դասախօսութիւններ: Առաջինը իբրեւ զեկուցաբեր մասնաւորապէս հրաւիրուած Միջազգային երկրորդ հանդիպումին, որուն նիւթն էր «Ցեղասպանութեանց ընկերային կիրարկումներու վերլուծումը», կազմակերպուած «3 Փետրուար» Ազգային համալսարանի (ՈՒՆԹՐԷՖ) կողմէ, եւ որուն ընթացքին ան ներկայացուց «Հայկական Ցեղասպանութեան ընկերային երեսները իբրեւ նախատիպար 20րդ դարու ցեղասպանութիւններուն» նիւթը։
Իսկ երկրորդ դասախօսութեան նիւթն [...]
December 21st, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՄԱՅՐ Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ գումարուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով, Նոյեմբեր 26-28ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ:
– ՀԱՅԱՍՏԱՆի մէջ աշխատանք կը փնտռէ շուրջ 80,500 քաղաքացի: Աշխատանք փնտռողներու մեծ մասը Շիրակէն է՝ շուրջ 19.4 տոկոս, ապա Երեւանէն՝ 18.5 տոկոս: Յաջորդը՝ Լոռին եւ Սիւնիքի մարզերն են:
– ՄԱՅՐ Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Գէորգեան» հոգեւոր ճեմարանի [...]
December 21st, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան եւ ելեւմուտքի ու տնտեսութեան նախարարներուն կողմէ միասնաբար կը մշակուի բժիշկներու՝ մայրաքաղաքէն մարզեր մեկնելու եւ մարզերուն մէջ կատարուած աշխատանքներու փոխհատուցման նոր կարգ: Այս մասին Դեկտեմբեր 20ի կառավարութեան նիստին յաջորդած ասուլիսի ընթացքին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշկեան եւ նշեց, որ «մարզեր պէտք է գնան պարտադիր որակեալ մասնագէտներ՝ ոչ պակաս, քան 6 ամսով: Նրանց համար, [...]
December 21st, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին, Պաղտատէն հիւսիսարեւելք գտնուող Քանաան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող քաղաքապետական խորհուրդի ժողովի մը ընթացքին, անձնասպանական արարք մը առնուազն 15 զոհ խլեց, ներառեալ ամերիկացի զինուոր մը: Վիրաւորուեցան նաեւ 18 իրաքցիներ եւ ամերիկացի տասը զինուորներ:
Նոյն օրը, Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած այլ պայթումի մը զոհ գացին չորս իրաքցիներ եւ վիրաւորուեցան 36 ուրիշներ:
Միւս [...]
December 20th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Դեկտեմբեր 20ին աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Տաւուշի մարզպետ Արմէն Ղուլարեանին հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան մարզին մէջ 2007ին կատարուած աշխատանքները եւ առկայ խնդիրները:
Խօսուեցաւ շինարարութեան եւ ճանապարհաշինութեան ծաւալներու ընդարձակման, համայնքային մուտքերը հաւաքագելու մասին: Մարզպետը տեղեկացուց, որ տեղական ամավարկերու մուտքերը նախորդ տարուան համեմատ կրկնապատկուած են:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Տաւուշի մէջ խաղողագործութեան [...]
December 20th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Քոնկրէսական Ատըմ Շիֆ երէկ խստօրէն պախարակեց թրքական «Զաման» թերթը, որ խեղաթիւրած է իր արտայայտութիւնները թրքական պատուիրակութեան մը հետ իր հանդիպումին կապակցութեամբ:
«Զաման»ի լրատուութեան խորագիրն է՝ «Ամերիկացի դեմոկրատ Շիֆ «անակնկալի մատնուած» հայկական հարցով թրքական կողմի տեսակէտով» եւ կը ներառէ մէջբերում մը Շիֆի կողմէ, որ բացարձակապէս շինծու է, կ’ըսէ քոնկրէսականին գրասենեակէն «Ասպարէզ»ի հասած հաղորդագրութիւնը:
Շիֆ յայտարարեց. [...]
December 20th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին, Կազա ներխուժած իսրայէլեան ուժերը բախումներ ունեցան պաղեստինցի զինեալներու եւ ոստիկաններու հետ, որոնց ընթացքին սպաննուեցան առնուազն երեք պաղեստինցի զինեալներ եւ պաղեստինցի քաղաքային մը: Վիրաւորուեցան նաեւ քանի մը պաղեստինցիներ եւ իսրայէլացի զինուորներ:
Բախումներուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ նաեւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լրագրող մը:
Իսրայէլ կ’անտեսէ «Համաս»ի անդամ եւ Կազայի մէջ մեկուսացուած պաղեստինեան կառավարութեան վարչապետ [...]
December 20th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
Տօնական այս գեղեցիկ ու բարի առիթները օգտագործելով եւ այլոց օգտակար դառնալով, մեր երեխաներուն շատ բան կրնանք սորվեցնել: Անկասկած այդ «դասերուն» պարգեւած բարիքները տօնական օրերու թոհուբոհէն անդին պիտի անցնին եւ երեխաներուն հոգիներուն ու սրտերուն մէջ յատուկ զգացումներ պիտի քանդակեն եւ իրենց նկարագիրները պիտի օժտեն նուիրումի եւ ծառայութեան Աստուածային վսեմագոյն շնորհներով:
Երեխաները շատ կը սիրեն նուէրներ ստանալ [...]
December 20th, 2007
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլէմ հակադարձեց Լիբանանի խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավար Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու այն ամբաստանութիւններուն, թէ Սուրիա կը խանգարէ Լիբանանի նախագահ ընտրելու գործընթացը:
Նախարարը շեշտեց, թէ Սուրիա ոչ միայն չի խանգարեր, այլ ամէն միջոց ի գործ կը դնէ համաձայնութիւն [...]
December 20th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ դաշնակցային ապահովութեան սպասարկութեան՝ Հայաստանի մէջ տեղադրուած սահմանապահ զօրքերու վարչութեան աշխատանքին համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցներու 72 տոկոսը կը տրամադրէ Ռուսիան, իսկ մնացեալ 28 տոկոսը՝ Հայաստանը: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դաշնակցային ապահովութեան սպասարկութեան վարչութեան պետ, զօրավար Սերկէյ Պոնտարեւ եւ նշեց, որ 2008ին ժամկէտային հիմունքներով ծառայող անձնակազմը ամբողջութեամբ պիտի բաղկանայ Հայաստանէն զօրակոչուած զինուորներէ:
December 20th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ նախագահութեան թեկնածու Վահան Յովհաննիսեան Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերի կէսօրին այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Հայրենի հիւրին կ՚ընկերանար Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան եւ անդամներէն Ժան Գոսաքեան։ Ներկայ էին Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, ծխական շրջաններու հոգեւոր հովիւներ, հոգաբարձութեանց [...]
December 20th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան», «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովին մէջ Դեկտեմբեր 19-20ին կազմակերպուած «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ. հիմնախնդիրներ եւ հեռանկարներ» թեմայով ընդլայնուած ունկնդրութիւնները արդարացուցին կազմակերպիչներու սպասումները, եւ համապատասխան հայեցակարգ մշակելու համար կայ հարուստ նիւթ, յայտարարեց ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան որ ընդգծեց, թէ այս յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամին հիմնական պատճառը Թուրքիոյ դրած նախապայմաններն են:
Ան նշեց նաեւ, [...]
December 20th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԳԻՒՄՐԻ, «Երկիր Միտիա», «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի Վ. Աճէմեանի անուան թատրոնին մէջ Դեկտեմբեր 19ին մեծ շուքով նշուեցաւ Հ.Յ.Դ. օրը: Մինչ տօնական համերգի սկսիլը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան շնորհաւորեց ներկաները տօնի առթիւ:
Կուսակցութեան անցած ուղին ներկայացնելէ յետոյ, Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն:
Որպէս երկիրի զարգացման առաջնահերթութիւն, Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց անկախութիւնը. «Չես կարող ազատ [...]
December 20th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՔԻԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18ին, Ուքրանիոյ խորհրդարանը քուէներու չնչին առաւելութեամբ մը 2004 թուականի «Նարնջագոյն յեղափոխութեան» ղեկավարներէն Եուլիա Թիմոշենքոն երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրեց Ուքրանիոյ վարչապետ։
Թիմոշենքօ 450 անդամ հաշուող ուքրանական խորհրդարանին մէջ ստացաւ 226 քուէ։ Ընդդիմութիւնը քուէարկութիւնը պոյքոթի ենթարկեց։
Ան զօրակցութիւնը կը վայելէր «Նարնջագոյն յեղափոխութեան» իր դաշնակից Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եուշչենքոյի, որ նախապէս Թիմոշենքոն պաշտօնազրկած էր [...]
December 20th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեանի Դեկտեմբեր 15ի հրամանագիրներով զօրավարի կոչում շնորհուած է ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի առաջին տեղակալ, զօրավար Հրաչեայ Յարութիւնեանին եւ տնօրէնի տեղակալ-հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետ, զօրավար Արմէն Դարբինեանին:
Իսկ անվտանգութեան ծառայութեան խումբ մը այլ պաշտօնատարներ պարգեւատրուած են 1ին եւ 2րդ կարգի մետալներով:
December 20th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ.- Յօդուածագիրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի տեղեկատուական վարչութեան պետն է:
Սոյն թուականի Նոյեմբերի 29ին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերին կոչ է արել աւարտին հասցնել բանակցային գործընթացի առաջին փուլը եւ սկսել խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի մշակումը: Այս յայտարարութիւնը հետեւանք է նոյն օրը ԵԱՀԿ արտաքին գործերի նախարարների խորհրդի կողմից ընդունուած յայտարարութեան, որը [...]
December 20th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբեր 21-23ին Ծաղկաձորի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ գործող Հ.Յ.Դ. երիտասարդական, ուսանողական միութիւններու խորհրդաժողով:
December 20th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Քսաներորդ դարի Արեւմուտքի գեղարուեստական ուղղութիւնների նորագոյն հոսանքներում ձեւաւորուած Գառզուի արուեստը հիացնում է իր իւրօրինակ ձեւով ու բովանդակութեամբ՝ ուրոյն տեղ զբաղեցնելով ժամանակակից ֆրանսական եւ հայկական կերպարուեստում», ըսաւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի փորագրութեան բաժնի վարիչ Նունէ Թադեւոսեան՝ Գառզուի 100ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացման ժամանակ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած է շուրջ 50 աշխատանք՝ ոչ միայն Ազգային պատկերասրահի Գառզուի նկարները, այլեւ [...]
December 20th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երկուշաբթի առաւօտուն, «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն այցելեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ մէկ շաբթուան կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի:
Շահան Գանտահարեանի հետ ունեցանք օգտակար զրոյց՝ Լիբանանի, լիբանանահայութեան ու յատկապէս «Ազդակ»ի դերակատարութեան մասին:
Շահան Գանտահարեան նաեւ ծանօթացաւ «Ասպարէզ»ի աշխատանքներուն ու անձնակազմին: Իր հետ ունեցանք նաեւ հարցազրոյց, որ լոյս պիտի ընծայենք յառաջիկայ օրերուն:
December 20th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Դեկտեմբեր 18ին տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ՝ նուիրուած Արցախի ազատագրութեան մարտիկ Վարդան Բախշեանին նահատակութեան 16ամեակին:
Յիշատակի ձեռնարկին մասնակից մարտական ընկերները եւ հարազատները անգամ մը եւս արժեւորեցին Վարդանը եւ նշեցին, որ ան ինքզինք համարելով ազգի զինուոր, այդ պատասխանատուութենէն երբեք չէ խուսափած, ու ձգելով բազում անկատար գործեր, ինքզինք նուիրած է հայրենիքին:
Նշենք, որ մասնագիտութեամբ պատմաբան [...]
December 19th, 2007
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 19ին Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ նշուեցաւ Մկրօ Սարգսեանի անուան հայ ժողովրդական երգի-պարի «Մարաթուկ» համոյթի 25ամեակը: Ցերեկոյթի ժամանակ գրադարանի կողմէն համոյթի հիմնադիր Յովհաննէս-Մկրտիչ Սարգսեանին (Մկրօ) հայ մշակոյթին մատուցած ծառայութիւններու, հայ ժողովրդական երգի տարածման եւ քարոզչութեան համար յետմահու շնորհուեցաւ Յակոբ Մեղապարտի անուան շքանշան:
Գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան շքանշանը յանձնեց Մկրոյի զաւկին՝ Գրիգոր Սարգսեանին. «Մկրոն [...]
December 19th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՄԵՀՐԱՊՓՈՒՐ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին, հարաւային Փաքիստանի մէջ երկաթուղիէն դուրս եկած շոգեկառքի արկած մը առնուազն 58 զոհ խլեց, մինչ 150 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Հարիւրաւոր ուրիշներ անվնաս խուսափեցան արկածէն:
Մօտաւորապէս 900 ճամբորդներ փոխադրող շոգեկառքը շրջեցաւ Մեհրապփուր քաղաքին մէջ, որ Քարաչիէն 250 մղոն հիւսիս կը գտնուի: Ցարդ կարելի չէ եղած արկածին պատճառը բացայայտել:
Յայտնենք, թէ Հոկտեմբերին Լահորի [...]
December 19th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Հանրակրթութեան ոլորտին մէջ գործադրուող բարեփոխումներու ընթացքը քննուեցաւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին ղեկավարութեամբ Դեկտեմբեր 19ին, ոլորտի պատասխանատուներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ:
Նախագահ Քոչարեան ըսաւ, որ թէեւ 2007ին այդ թեմայով քանի մը քննարկումներ եղած են, սակայն անհրաժեշտ է, որ տարեվերջեան ամփոփում կատարուի՝ յստակ պատկերացնելու, թէ ինչ կատարուած է, ինչ մնացած է, [...]
December 19th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Միացեալ հայկական ֆոնտի 145րդ թռիչքը Երեւան հասաւ Դեկտեմբեր 15ին, փոխադրելով աւելի քան 6 միլիոն արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն։
Այս թռիչքով, Միացեալ հայկական ֆոնտը իր կողմէ տրամադրեց 3.8 միլիոն տոլարի արժողութեամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, որոնք նուիրած էին AmeriCares կազմակերպութիւնը (2.6 միլիոն տոլար արժողութեամբ), Կաթողիկէ բժշկական առաքելութեան վարչութիւնը (870,000 տոլար), Քանատայէն՝ Healty Partners International կազմակերպութիւնը (175,000 [...]
December 19th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18ի երեկոյեան, Կազայի վրայ իսրայէլեան օդային չորրորդ յարձակումին պատճառով առնուազն երեք պաղեստինցիներ եւս սպաննուեցան, Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերուն սպաննուածներուն թիւը բարձրացնելով 13ի։
Սպաննուածներուն շարքին կը գտնուէին «Իսլամական ճիհատ»ի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Մաճէտ Հարազի, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ կ՚ամբաստանուէր Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումներ կազմակերպելու յանցանքով:
«Իսլամական ճիհատ»ի բանբեր մը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը պիտի հակադարձէ։
[...]
December 19th, 2007
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի ձեռագիրներու հաւաքածոն կը շարունակէ հարստանալ միջնադարեան հայատառ նիւթերով: Այս մասին յայտնեց հաստատութեան տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան եւ նշեց, որ մատեաններէն մէկը 17րդ դարու կորսուած ձեռագիր մատեան մըն է, իսկ միւսը՝ մանրանկարչութեան եւ ձեռագրի արուեստի գլուխգործոց՝ 14րդ դարու Պռօշեաններու տոհմական Աւետարանն է, որ 1922ին նուիրուած էր Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին:
Սակայն, [...]
December 19th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը վերջին 7 տարիներուն 3 տոկոսով կրճատուած է՝ հասնելով 6.9 տոկոսի: Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պաշտօնատար Սօնա Յարութիւնեանի, այժմ աշխատանք փնտռողներու թիւը Հայաստանի մէջ 94 հազար է, իսկ գործազուրկներունը՝ 75 հազար:
Այս մասին ան յայտնեց Դեկտեմբեր 18ին՝ «Աշխատաշուկան Հայաստանում. միտումներն ու մարտահրաւէրները» թեմայով համաժողովի ժամանակ:
Յարութիւնեան նշեց, [...]
December 19th, 2007
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ազատագրուած տարածքների վերաբնակեցումը եւ, ընդհանրապէս, Հայաստանի բնակչութեան աճի հարցերն այժմէական են ու հրատապ, քաղաքական ու տնտեսական խնդիրներ են։ Որեւէ տարածք վերանուաճելու նախապայմաններից մէկը այդ տարածքի վրայ բնակչություն ունենալն է, իսկ տնտեսութիւնը զարգացման նոր թափ կարող է ստանալ, եթէ բնակչութեան թիւը յաւելում արձանագրի։ Բնակչութեան խնդրի կարեւորութիւնը շեշտելու համար հայեացք նետենք հայոց պատմութեան վրայ։
Տիրապետող է այն [...]
December 19th, 2007
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, անգամ մը եւս Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահը լեցուած էր ուրախ փոքրիկներով, որոնք ժամանած էին մասնակցելու համար առաջնորդարանի կազմակերպած Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան, որ թեմի տարեկան ձեռնարկն է: Աւելի քան 400 աշակերտներ՝ Հ.Բ.Ը.Մ. «Մանուկեան-Տէմիրճեան» վարժարանէն, ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանէն, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ «Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան» վարժարանէն եւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ»ու [...]
December 19th, 2007
| Posted in Սփիւռք | Read More »