ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը իր Յունուար 31ի նիստին, ղեկավարուելով ընտրական օրէնսգիրքի 88րդ կէտով, որոշած է նախագահի ընտրութեան օրը՝ Փետրուար 19ը, յայտարարել ոչ աշխատանքային օր:
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Յունուար 31ին ընդունեց տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ աշխարհի առաջատար ընկերութիւններէն ֆրանսական «ԱլքաԹել-Լիւսենթ» ընկերութեան նախագահ Սերժ Չուրուքը եւ «Նայթ Պրիճ»ի նախագահ, Հայաստանի նախկին վարչապետ Արմէն Սարգսեանը:
Հանդիպման ընթացքին Սերժ Չուրուք համառօտակի անդրադարձաւ «ԱլքաԹել»ի գործունէութեան, նշեց Հայաստանի մէջ որոշակի ծրագիրներ սկսելու իրենց ցանկութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը:
Զրուցակիցները խօսեցան գիտահետազօտական, տնտեսութեան մէջ [...]
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին, մօտաւորապէս յիսուն լրագրողներ եւ համայնքային ղեկավարներ ներկայ էին Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ԱՀԴՅ) Արեւմտեան շրջանի կենտրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին, որու ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ ԱՀԴՅը այս տարուան Միացեալ Նահանգներու նախագահական նախնական ընտրութիւններուն որոշած է նեցուկ կանգնիլ դեմոկրատ թեկնածու՝ ծերակուտական Պարաք Օպամային:
Մամլոյ ասուլիս ընթացքին ելոյթներ ունեցան Օպամայի նեցուկ կանգնող Ներկայացուցիչներու [...]
Բժիշկներու համաձայն, երբ մարմնային բջիջներդ հոն հասցուցած ես, որ ծարաւով քեզի իմաց կու տայ, թէ ժամանակն է ջուր խմելու, ապա արդէն իսկ անհաճոյ եւ նոյնիսկ վնասակար կացութեան մը մատնած են քու մարմինդ:
Նոյն տրամաբանութեան հետեւելով, կարելի է հաստատել, որ հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական գաղութը նման կացութեան մը առջեւ դրած է ինքզինք, թատերական որակաւոր գործերու անբաւարարութեան պատճառով:
[...]
ՊԵԼԿՐԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Քաղաքական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Քոսովօ Սերպիայէն իր անկախութիւնը պիտի հռչակէ Փետրուար 3ին տեղի ունենալիք Սերպիոյ նախագահական ընտրութենէն մէկ շաբաթ ետք, եթէ սերպ ազգայնական թեկնածուն նախագահ ընտրուի։
Բարձրաստիճան քաղաքական աղբիւր մը յայտնեց, որ «եթէ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ յաղթէ, յայտարարութիւնը 9 կամ 10 Փետրուարին պիտի կատարուի»։ Այլ աղբիւր մը ըսաւ, թէ արեւմտամէտ ներկայ նախագահ Պորիս [...]
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ ղեկավար Մուամար Քազզաֆի Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին սպառնաց Ափրիկէին «կռնակ դարձնել», եթէ ցամաքամասի ղեկավարները դարձեալ մերժեն աւելի սեղմ միութիւն մը կազմելու իր առաջարկը։ Ան յայտնեց, որ իր երկիրը Ափրիկէի փոխարէն իր երեսը պիտի ուղղէ դէպի Եւրոպա եւ արաբական աշխարհ։
Քազզաֆի կը խօսէր Եթովպիոյ մէջ գումարուող Ափրիկեան միութեան գերաստիճանի նախօրեակին։ Ան նաեւ յայտնեց, որ [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- 2008ի Յունուար լոյս 31ի գիշերը անյայտ անձ մը «Մաքարով» տեսակի ատրճանակէ Վ. Սարգսեան փողոցի կողմէ կրակած է գլխաւոր դատախազութեան երրորդ յարկին գտնուող նիստերու մեծ դահլիճի պատուհանին (որ գլխաւոր դատախազի աշխատասենեակի պատուհաններու շարունակութիւնն է)՝ պատճառելով գոյքային վնաս:
Դէպքի առթիւ յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ յարուցուած է քրէական գործ եւ կատարուած է տեղի զննութիւն:
Այս օրերուն բժշկական եւ ճարտարարուեստի յառաջացումներուն ընձեռած բարիքներուն շնորհիւ, գեղագիտական վիրահատութիւնները ամէնէն արագ ու դիւրին միջոցները դարձած են երիտասարդ ու առողջ երեւելու, սակայն մի մոռնաք, անոնք միակ ձեւերը չեն: Եթէ փորձէք սրբագրել այն վարժութիւնները, որոնք տարիներ կը կուտակեն ձեր երեւոյթին վրայ ու մանաւանդ կը վնասեն ձեր առողջութիւնը, կրնաք ժամացոյցի սլաքները նոյնիսկ հակառակ դարձնել:
Հակածերացման (anti [...]
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Հինգշաբթի, Յունուար 31ին անբաւարար գտաւ Լիբանանի դէմ 2006ին տեղի ունեցած Իսրայէլի պատերազմին հարցով հետաքննութիւն կատարող «Վինոկրատ»ի յանձնախումբին Չորեքշաբթի հրապարակած տեղեկագիրը, պնդելով, թէ ան կրնայ շահագործուիլ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը հռչակելու ջատագովներուն կողմէ:
Վարչապետը շեշտեց, թէ տեղեկագիրը անտեսած է Լիբանանի ու լիբանանցիներուն դէմ իսրայէլեան «ոճիրները» եւ ցոյց կու տայ, [...]
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Յունուար 31ին, Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, թէ համաձայն չեն Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին:
«Փոքր Ասիայէն երկիր մը տեղ չունի Եւրոպական միութեան մէջ», ըսաւ Սարքոզի, Ֆրանսայի իշխող Ժողովրդական շարժումի միութիւն կուսակցութեան կազմակերպած համագումարին ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Երէկ, Յունուար 31ին, Վարդանանց նահատակներու ոգեկոչման տօնի առթիւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արարատեան հայրապետական թեմի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր խորհրդանշական խաչերթ: Ս. Զօրավար եկեղեցիէն՝ մայրաքաղաքի կեդրոնական փողոցներով մինչեւ Վարդան Մամիկոնեանի արձանը: Խաչերթը առաջնորդեցին հոգեւորականներ, ոստիկանութեան փողային նուագախումբը, զինուորականներ, ձիաւորներ:
Խաչերթի մասնակիցները անցորդներուն բաժնեցին տօնի վերաբերեալ գունազարդ բացիկներ, իսկ աւարտին Վարդան Մամիկոնեանի [...]
Դեկտեմբեր 19-20, 2007ին Հայասատանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ, խնդիրներ եւ հեռանկարներ» նիւթով լսումներու շարք մը կազմակերպեց։ Նախաձեռնութեան հրաւիրուած էին նաեւ 20 թուրք անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին համալսարանական դասախօսներ, հանրածանօթ մտաւորականներ, դիւանագէտներ եւ վերլուծական տարբեր հիմնարկութիւններու տնօրէններ։ Թրքական կողմը, սակայն, պատրուակելով լսումներու թուականին զուգադիպումը իսլամական տօնի մը, ինչպէս նաեւ հրաւէրներու ուշ ստացումով, չմասնակցեցաւ [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Յունուար 31ին մեկնեցաւ Մալթա, ուր նախատեսուած է կազմակերպել միջազգային մրցաշարք:
Հայաստանի հաւաքականը Փետրուար 2ին պիտի մրցի Մալթայի, 4ին՝ Պելոռուսի, 6ին՝ Իսլանտայի հաւաքականին հետ:
Յունուար 30ին, հաւաքականը «Բանանց» ակումբի խաղադաշտին վրայ ընկերական հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի ախոյեան «Փիւնիկի» հետ եւ յաղթեց 1:0 արդիւնքով:
Յայտնենք, որ Խորվաթիոյ մայրաքաղաք Զակրեպի մէջ Յունուար [...]
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Նիւ Եորքի՝ ՄԱԿի Հայաստանի ներկայացուցչութեան մէջ, Յունուար 30ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Մորիթանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման պաշտօնական արարողութիւնը:
Երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւնը ստորագրեցին ՄԱԿի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Մարտիրոսեանը եւ ՄԱԿի մէջ Մորիթանիոյ ներկայացուցիչ, դեսպան Ապտրրահիմ Աուլտ Հատրամին:
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Փետրուար 19ի նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Յունուար 30ին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) կողմէ հաւատարմագրուած են եւս 5 տեղական հասարակական կազմակերպութեան 816 եւ Եւրոպայի խորհուդի խորհրդարանական վեհաժողովի 34 ներկայացուցիչներ: Այս մասին յայտնեց ԿԸՅի մամուլի քարտուղար Տաթեւ Օհանեանը:
Այսպիսով, ԿԸՅին կողմէ առայժմ հաւատարմագրուած են 23 տեղական հասարակական կազմակերպութեան 7985 ներկայացուցիչներ եւ 5 [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Երկիր Միտիա».- Հ.Յ.Դ. նախագահի թեկնածու, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեանի նախընտրական քարոզարշաւի խումբը Յունուար 31ին շարունակեց իր նախընտրական քարոզարշաւը եւ հանդիպումներ ունեցաւ Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիկ գիւղի եւ Վարդենիս, Մարտունաշէն եւ Գաւառ քաղաքներուն մէջ:
Վարդենիսի մշակոյթի տան առջեւ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին, որուն կը մասնակցէին նաեւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները, ԱԺ Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ռուսալ-Արմէնալ» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿի զարգացման ծրագիրի գրասենեակը Յունուար 30ին պարգեւատրեցին «10 լաւագոյն դպրոցական ծրագիր» մրցոյթի յաղթողները: Ձեռնարկին ներկայ էին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը, Հայաստանի մէջ ՄԱԿի զարգացման ծրագիրի ներկայացուցիչ Քոսուելօ Վիտալը, «Ռուսալ-Արմէնալ» ընկերութեան տնօրէն Գէորգի Աւետիքեանը:
Ծրագիրի շրջանակներով նախատեսուած էր Երեւանի տարբեր դպրոցներու սաներուն հնարաւորութիւն տալ ստեղծագործական մօտեցումներ ցուցաբերել [...]
ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրց».- Պայթուցիկներու արտադրութեան ապօրինի գործարանի մը մէջ Հինգշաբթի, Յունուար 31ին տեղի ունեցած ուժգին պայթումի մը հետեւանքով առնուազն 20 հոգի մահացաւ եւ վիրաւորուեցան 117 ուրիշներ: Պայթումը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ Տաւուտփաշա շրջանին մէջ:
Նկարին մէջ, պայթումէն վնասուած բնակարաններ ու ինքնաշարժներ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ոչ ներգաղթային անցագիր ստանալու համար 2007ին ԱՄՆ դեսպանատուն դիմած է 10 հազար 400 քաղաքացի, որմէ 61 տոկոսը մերժուած է: Յունուար 31ին ԱՄՆ դեսպանատան հիւպատոսական բաժինի բաց դուռներու օրուան կապակցութեամբ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ նշեց հիւպատոս Ռապին Պուսէնը:
Նախորդ տարի ԱՄՆ դեսպանատունը քննած է 1800 ներգաղթային գործ:
Այս տարի հիւպատոսական ծառայութիւներու օրը նշուեցաւ «Դիւանագիտութեան [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի բնակչութեան դրամական եկամուտները 2007ին կազմած են 2 եռիլիոն 125 միլիառ 415.7 միլիոն դրամ (աւելի քան 6 միլիառ 213.2 միլիոն տոլար), իսկ դրամական ծախսերը՝ 2 եռիլիոն 1 միլիառ 983.1 միլիոն դրամ: Անոնց աճի մակարդակը 2006ի համեմատ, կազմած են, համապատասխանաբար 125.7 տոկոս եւ 123.6 տոկոս :
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, բնակչութեան իրական դրամական [...]
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էն.Թի.Վի.» հաղորդեց, թէ Ցիւրիխի դատախազութիւնը դատ բացած է գերմաներէնով հրատարակուող ու 85 հազար տպաքանակ ունեցող «Վէլթվոխէ» պարբերաթերթին դէմ, որովհետեւ թերթը հրատարակած էր Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող անգլիացի պատմաբան ու դասախօս Նորմըն Սթոնի մէկ յօդուածը։
2006ի Հոկտեմբեր ու Նոյեմբեր ամիսներուն թերթին էջերէն Հայկական Ցեղասպանութեան շուրջ բանավէճ մը կայացած էր երկու պատմաբաններ՝ Էանս Լուքաս-Քիսէրի ու Նորմըն [...]
Գերմանիայում այսօր իր բազմաբնոյթ գործունէութեամբ բնութագրուող Հայ ակադեմականների միութիւն-1860» գիտամշակութային կազմակերպութիւնը (ՀԱՄ), որը հիմնել են 19րդ դարի երկրորդ կէսից Գերմանիա աշխուժօրէն ուսումնառութեան մեկնող հայ ուսանողները 1860 թուականին Լայփցիկ քաղաքում, իրաւամբ դասւում է աշխարհի հնագոյն գործող ակադեմիական միութիւնների շարքին։ Նրա վարչութեան ներկայ նստավայրը Պոխում համալսարանական քաղաքն է։ Միութեանն անդամակցում են Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներում գործող հայ մտաւորականներ [...]
Բուն Բարեկենդանի տօնի նախօրեակին, Շաբաթ, Փետրուար 2ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. եւ Անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Ազգային առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ։ Ս. պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։ Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը՝ հաղորդակից ըլլալու օրուան խորհուրդին։
Բուն Բարեկենդանի տօնին առիթով, Կիրակի, Փետրուար 3ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։30ին, ընտանեկան տոհմիկ խրախճանք մը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կը վայելէ առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնը եւ նախաձեռնութիւնն է Ազգային առաջնորդարանի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-մարմինին եւ Ծնողական յանձնախումբին։ Գեղարուեստական յայտագիրը պիտի ընդգրկէ աշակերտական երգեր, մեներգներ եւ Բարեկենդանի նիւթի [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ արդիւաւէտ փոխադրումներ կատարելու համար յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի իրականացնել Երեւանի մեթրոյի զարգացման ծրագիր: Մասնաւորապէս՝ պէտք է աւարտել Բարեկամութիւն-Աջափնեակ նոր կայարանի կառուցման աշխատանքները, դէպի Կոմիտաս կառուցել 2 նոր կայարան:
Մեթրոյի զարգացման ծրագիրը կեանքի կոչելու նպատակով այժմ բանակցութիւններ կ’ընթանան Համաշխարհային դրամատան (ՀԴ) հետ երկարաժամկէտ եւ ցած տոկոսներով վարկեր ստանալու համար:
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի մէջ ՆԱԹՕի տեղեկատուական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ սկսած է լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու եւ նախագահական թեկնածուներու հանդիպումներու շարք, որու ընթացքին իւրաքանչիւր թեկնածու իր դիրքորոշումը պիտի ներկայացնէ յատկապէս Հայաստանի անվտանգութեան, Հայաստան-ՆԱԹՕ ու Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութեանց շուրջ:
Հ.Յ.Դ. նախագահի թեկնածու Վահան Յովհաննիսեան Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին յայտարարեց, որ Հայաստանի յարաբերութիւնները ՆԱԹՕի հետ շատ տրամաբանական են եւ աւելցուց, թէ աշխատանք պէտք [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Երկիր Միտիա».- Հ.Յ.Դ. նախագահի թեկնածու, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, ԱԺ փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երեւանեան գրասենեակին մէջ Յունուար 30ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ամփոփելով նախընտրական քարոզարշաւի 10 օրերու արդիւնքները եւ ստացած տպաւորութիւնները, յայտարարեց. «Ես չեմ պատրաստւում եւ չեմ հանելու իմ թեկնածութիւնը ոչ մի պարագայում: Ես գնալու եմ մինչեւ վերջ, պայքարելու եմ մինչեւ վերջ»:
[...]
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին, Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՀԴՅ) հաղորդեց, թէ այս տարուան Միացեալ Նահանգներու նախագահական նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին որոշած է նեցուկ կանգնիլ դեմոկրատ թեկնածու՝ ծերակուտական Պարաք Օպամային (Իլլինոյէն):
Յանձնախումբը շեշտեց, թէ որոշումը տրուած է, որովհետեւ ներկայ թեկնածուներուն մէջ Օպամա լաւագոյն դիրքին վրայ կը գտնուի արմատական փոփոխութիւններ բերելու յատկապէս ամերիկահայ քուէարկողը մտահոգող հարցերուն:
Յիշեցնենք, թէ [...]
Հայասէր եւ յատկապէս հայութեան համար ծառայած եւրոպացիներու շարքը երկար է։ Դիւանագիտական, բարեգործական եւ երբեմն ալ տնտեսական պարտականութիւններով գործուղուած այս անձնաւորութիւնները Հայաստանի զանազան շրջաններէն ներս ականատես եղան զարհուրելի իրադարձութիւններու։ Ոմանք անբախտ դուրս գալով, զոհ գացին։ Ուրիշներ ականատես եղան բռնագաղթին, ամէն գնով փորձեցին ահազանգ հնչեցնել, տեղեկագրեր, փաստերով լեցուն թղթածրարներ, փաստագրական լուսանկարներ յղելով դէպի Արեւմուտք։ Այլ բարեսիրտներ, այնքան [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Երեւանի գլխաւոր յատակագիծի շրջանակներով արդէն մշակուած է Երեւանի կանաչ տարածքներու ընդլայնման 2008ի ծրագիրը: Այս մասին յայտնեց Երեւանի քաղաքապետարանի բնապահպանութեան վարչութեան պետ Ա. Մարտիրոսեանը եւ նշեց, որ այս տարի կը նախատեսուի մայրաքաղաքին մէջ մօտ 100 հեքթարով աւելցնել կանաչ տարածքները, որմէ 60 հեքթարը յատակագիծով նախատեսուած տարածքներուն մէջ:
Ըստ Մարտիրոսեանի, ընդհանուր առմամբ այս տարի պիտի [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուժեղ ձիւնաբուքի եւ տեսանելիութեան բացակայութեան պատճառով Յունուար 30ին ժամ 14:00ի տուեալներով, փակուած են Գիւմրի-Բաւրա ճանապարհի Գիւմրի-Աշոցք ճանապարհահատուածը, Գիւմրի-Վանաձոր, Մարտունի-Եղէգնաձոր (Սելիմի լեռնանցք) ճանապարհները:
Ըստ փոխադրութեան եւ կապի նախարարութեան հաղորդագրութեան, դժուարանցանելի են Երեւան-Գիւմրի ճանապարհի Մաստարա-Լանջիկ-Մարալիկ ճանապարհահատուածը, Հոռոմ-Արթիկ-Ալագեազ, ինչպէս նաեւ Բերդ-Ճամբարակ ճանպարհը:
ՄԱՅԱՄԻ, «Պլումպըրկ».- Արիզոնայէն ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն Երեքշաբթի, Յունուար 29ին յատկանշական յաղթանակ մը եւս ապահովեց նախագահական նախնական ընտրութիւններուն ընթացքին, գրպանելով նաեւ Ֆլորիտայի հանրապետական պատգամաւորները:
Արդարեւ, ան ապահովեց քուէներուն 36 տոկոսը, մինչ Միթ Ռոմնի խլեց քուէներուն 31 տոկոսը:
Դեմոկրատ թեկնածուներուն համար Ֆլորիտայի նախնական ընտրութիւնը անիմաստ դարձած էր, որովհետեւ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը որոշած էր նկատի չունենալ նահանգին պատգամաւորները, դատապարտելով [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Մոսկուայի մարզի նահանգապետ Պորիս Կրոմովը Յունուար 30ին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ան ծաղիկներ զետեղեց յուշահամալիի անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի ուղեկցութեամբ Կրոմովը շրջեցաւ թանգարանին մէջ՝ ծանօթանալով 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան փաստական վկայութիւններուն:
Կրոմովը կ’ուղեկցէին [...]
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Յունուար 30ին ընդունեց նախագահական ընտրութիւններու դիտարկման Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ժամանակաւոր յանձնաժողովի նախընտրական առաքելութիւնը, Ճան Փրեսքոթի գլխաւորութեամբ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի հրաւէրին արձագանգելու համար, նախագահը մեծ կարեւորութիւն տուաւ դիտորդական առաքելութեան աշխատանքին. «Մենք տրամադրուած ենք անցկացնել, իսկապէս, լաւ ընտրութիւններ, եւ կարծում ենք, դիտորդական առաքելութիւնների ներկայութիւնը եւս կը նպաստի դրան», [...]
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 29ին, փաքիստանցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ հրթիռ մը Փաքիստանի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ քանդած է իսլամ արմատական զինեալներու թաքստոց մը՝ սպաննելով անոնցմէ 12ը։ Կառավարական եւ գաղտնի սպասարկութեանց պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ յարձակումը տեղի ունեցած է հիւսիսային Ուազիրիստանի Քուշալի Թորիխէլ գիւղին մէջ։ Գաղտնի սպասարկութեանց պաշտօնատարը ըսաւ, թէ զոհերը «տեղացի թալեպաններ» են։ Փաքիստանի բանակը նաեւ յայտնեց, [...]
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանը Յունուար 28ին ընդունեց «The HALO Trust» բրիտանական ոչ կառավարական կազմակերպութեան ղարաբաղեան ծրագիրի ղեկավար Վալոն Քումոնովը եւ այդ պաշտօնին զինք փոխարինող Փաթրիք Թոմսընը:
Հանդիպման ընթացքին Քումոնովը նշեց, որ ԼՂՀի մէջ եռամեայ գործունէութենէն յետոյ լիազօրութիւնները կը փոխանցէ իր յաջորդին: Ան հակիրճ ներկայացուց անցած տարիներուն ականազերծման եւ վնասազերծման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները: «The [...]
ՊԵԼԿՐԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սերպիա Կիրակի օր ականատես պիտի դառնայ ռուսական ուղղուածութիւն ունեցող ազգայնական թեկնածուի մը եւ արեւմտեան ուղղուածութիւն ունեցող ազատական թեկնածուի մը միջեւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ հանգրուանին։
Երկու թեկնածուներն ալ կ՚ընդդիմանան Քոսովոյի անկախութեան, որուն յայտարարութիւնը կրնայ տեղի ունենալ Սերպիոյ նախագահական ընտրութեան աւարտէն ետք։
Ազգայնական Թոմիսլաւ Նիքոլիչ նախագահական ընտրութեան առաջին հանգրուանին ընթացքին ապահովեց քուէներուն 39.6 առ հարիւրը, [...]
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ 26 Յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, տեղի ունեցաւ Աղօթքի միջ-եկեղեցական Շաբթուան եզրափակումը: Լիբանանի մէջ գործող բոլոր դպրեվանքներուն կազմակերպութեամբ ամէն տարի տեղի ունեցող Աղօթքի Շաբաթը, այս տարի հիւրընկալուեցաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին կողմէ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Եզրափակիչ արարողութիւնը, որ առ հասարակ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ շարականներէն քաղուած փունջի մը ներկայացումն [...]
Երկուշաբթի, 28 Յունուարին, Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՌԱԿի, Ս.Դ.Հ.Կ.ի եւ Հ.Յ.Դ.ի Լիբանանի պատասխանատու մարմինները ունեցան արտահերթ հանդիպում մը:
Հանդիպման առանցքը կազմեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը: Ժողովականները հաստատեցին, որ հայկական երեք կուսակցութիւնները ճիգ պիտի չխնայեն երաշխաւորելու լիբանանահայութեան կայունութիւնը եւ անդորրութիւնը:
Որոշուեցաւ շարունակել նմանօրինակ հանդիպումները՝ միասնաբար քննարկելու եւ միասնական ճիգերով դիմակալելու երկրին [...]
ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Յունուար 29ին Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներու տօնը: Տօնի առիթով Մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր Ընծայ քհնյ. Միրզոյեանը (Սիւնեաց թեմ): Պատարագին ներկայ էին Հայաստանեայց եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներ, Մայր Աթոռի միաբաններ, Հայաստանի եւ Արցախի թեմերուն մէջ ծառայող քահանաներ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) սկսած է 2008ի «Երեմեան» կրթաթոշակի դիմումներու ընդունումը: Ըստ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան տեղեկատուութեան, այս կրթաթոշակի համար կրնան դիմել բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու բոլոր այն ուսանողները, որոնք արդէն աւարտած են համալսարանական ուսման առաջին տարին:
2007ին ՀՕՄը շուրջ 20 հազար տոլար յատկացուցած է նիւթական օժանդակութեան կարիք ունեցող եւ աւելի քան 10 երկիրներու մէջ [...]
Յունուար 26ին, Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանին մէջ նշուեցաւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան օրը: Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ ճեմարանականները կատարեցին Հնդկաստանի օրհներգը, որմէ ետք օրուան նշանակութեան անդրադարձաւ հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ ճեմարանի կառավարիչ Օշականը վրդ. Գիւլգիւլեան: Ան նշեց, որ անկախութեան վսեմ գաղափարը կ’արժեւորուի ամէն մէկու տքնաջան աշխատանքի եւ իր երկրին նկատմամբ տածած իրական սիրոյ շնորհիւ:
Հանդիսութեան կը մասնակցէին [...]
«Ահաւոր ցաւը չեն վերյիշեցնում,Գրկիր ինձ, մեղք եմ»: Պ. ՍԵՒԱԿ
Շատ յստակ չեմ յիշեր բառերս, բայց կարծեմ առաջին դասարանի Սերուժ Աշգարեանի կաղանդ պապային ուղղած պաղատանքին համաձայն, ես ալ այս տարի անպատճառ ուզեցի հանդիպիլ մեր՝ ուսուցիչներուս կաղանդ պապային: Կնոջս բան չըսի, քանի ծիծաղելի պիտի գտնէր փափաքս: Մեղադրելի չէր: Այսքան տարիներ կապ չէի հաստատած ուսուցիչներու կաղանդ պապային հետ, [...]
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ Իրան Եգիպտոսի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատելու շեմին կը գտնուի։ Երկու երկիրները 1979ի իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած են։
Յայտարարութիւնը կը յաջորդէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց մէջ արձանագրուած նկատառելի մեղմացումի մը, ներառեալ՝ նախագահներ Հոսնի Մուպարաքի եւ Մահմուտ Ահմատինեժատի միջեւ աննախադէպ հեռաձայնային խօսակցութեան։
Ըստ [...]
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին խստօրէն քննադատուեցաւ Լիբանանի դէմ 2006ի յուլիսեան պատերազմին շուրջ հետաքննութիւն կատարող «Վինոկրատ»ի յանձնախումբին կողմէ, որ հասած էր այն եզրակացութեան, որ Իսրայէլ յաղթանակով չէ աւարտած զինուորական այդ գործողութիւնը, զայն «լուրջ ձախողութիւն մը» համարելով:
Թէեւ վարչապետին ընդդիմադիրները որոշ ատենէ մը ի վեր անոր հրաժարումին կամ կանխահաս ընտրութիւններու հաւանականութիւնը նկատի [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) օրակարգին վրայ են Թուրքիոյ մէջ մշակութային հարստութեան եւ յատկապէս հայկական մշակութային յուշարձաններու հարցերը:
Հարցերը օրակարգին վրայ դրուած են խորհրարանի 25 անդամներու նախաձեռնութեամբ, որոնք կը փորձեն լուսարձակի տակ առնել անտեսուող եւ քանդուող յուշարձաններու վիճակը, ակնարկութիւններ կատարելով նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան:
25 խորհրդարանականները կու գան 21 երկիրներէ եւ անդամ են եւրոպական [...]
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Վիճակագրութիւններու խորհուրդը պաշտօնապէս հաղորդեց, թէ 2007ի աւարտին Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը հասած է 70 միլիոն 586,250 հոգիի։
Հաղորդուեցաւ, որ այսուհետեւ Թուրքիոյ բնակչութեան մարդահամարը օրը օրին պիտի կատարուի, սակայն բնակչութեան թիւը տարին անգամ մը միայն պաշտօնապէս պիտի հրապարակուի։ Այս ձեւով պիտի վերցուի փողոց ելլելու արգելքը, որ ցարդ միշտ կը կիրարկուէր մարդահամարի ընթացքին։
Վերջին տուեալներու [...]
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Եաշար Պիւյիւքանըթ Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին դարձեալ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ միջամուխ ըլլալով յայտարարեց, թէ բանակը կը շարունակէ ընդդիմանալ լաչակի գործածութեան արգելքը վերցնելու փորձերուն, իսլամական արմատներ ունեցող իշխանութեան հետ բախումի մը նոր ճակատ բանալով:
Արդարեւ, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն ու ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը Երեքշաբթի օր խորհրդարանին ներկայացուցած [...]
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը հաղորդած է, թէ Թուրքիոյ համալսարաններէն մէկուն մէջ պիտի հաստատուին հայերէն, եբրայերէն եւ յունարէն լեզուներու ամպիոններ:
Նոր բացուած «Նեւշէհիր» համալսարանն է, որ պիտի իրականացնէ այս ծրագիրը, եթէ ատիկա ընդունուի Թուրքիոյ կրթական բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ: Համալսարանի տեսուչ փրոֆ. Մեթին Հիւլակիւ յայտնած է, որ այս բաժինները պիտի բացուին համալսարանի գրական բաժանմունքի շրջագիծին մէջ: [...]
«Ալիանաք» թատերական հիմնարկը յառաջիկայ Փետրուար 20էն Մարտ 2ի միջեւ Թորոնթոյի թատերասրահին մէջ պիտի ներկայացնէ բեմադրիչ եւ դերասան Հրանդ Ալիանաքի պատրաստած Քալինոսքիի ստեղծագործութիւններէն «Է քրուքտ մէն» գործը։
Թատերախաղը իրական կեանքէ առնուած է եւ կը ներկայացնէ 88ամեայ ամերիկաբնակ Յակոբը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ու իր ընտանիքի չարչարանքներուն տեսարաններով կը տանջուի։ Անոր տանջանքը մասամբ կարելի է վերագրել նաեւ երիտասարդութեան [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուարի 30ին պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Քանատայի պատուոյ հիւպատոս Արտաշէս Էմինը՝ նորանշանակ ռազմական կցորդ, գնդապետ Միշէլ Մարքոսը ներկայացնելու կապակցութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան Հայաստանի բանակին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն, մասնաւորապէս քաղաքացիական յատուկ ծառայութեան ներդրման, քաղաքացիական վերահսկողութեան եւ բանակը քաղաքական գործընթացներէն զերծ պահելու խնդիրներուն:
Զրուցակիցները նշեցին ԼՂՀ խնդիրի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
[...]
ԱԼԺԷ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 29ին, Ալճերիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ալճերիական Թենիա քաղաքին մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով առնուազն երկու հոգի սպաննուած է։ Ալճերիոյ մայրաքաղաք Ալժէէն 55 քիլոմեթր հեռու գտնուող քաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով ոստիկանատան մը մօտ գտնուող բնակարաններ եւս վնասուած են։ Յունուարի սկիզբը հինգ հոգի սպաննուեցաւ, երբ մօտակայ Նաքիրիա քաղաքին [...]
ԳԱՀԻՐԷ, ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 30ին, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը Եգիպտոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Հոսնի Մուպարաքի հետ, քննելով Կազայի վերջին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապպաս անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ պիտի չբանակցի Կազան իր հակակշռին տակ պահող պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան հետ, տագնապին մօտալուտ լուծում մը անհաւանական դարձնելով:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ Երեքշաբթի օր յայտնեցին, թէ Իսրայէլ արգելք [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Մամլոյ Գրասենեակ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Գիւղական զարգացման ծրագիր»ի շրջանակներով պիտի վերանորոգուի Տաւուշի մարզի Խաշթառակ համայնքի բժշկական դարմանատունը: Ծրագիրը կ’իրականացուի հիմնադրամի, Հոլանտայի տեղական մարմինի շնորհիւ:
Նշենք, որ Խաշթառակ համայնքը հիմնադրամի «Գիւղական զարգացման ծրագիրի» փորձնական շրջանին մէջ ընդգրկուած վեց գիւղերէն մէկն է: Վերանորոգուած բուժկէտը ծառայելու է շրջանի բոլոր համայնքներուն՝ բժշկական օգնութիւնը աւելի հասանելի [...]
Մարտ 5, 1946ին, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ կը գտնուէր Ամերիկա, Միսուրի նահանգի Ուեսթմինսթըր քոլէճէն ստանալու համար իր պատուոյ դոկտորան: Այս պաշտօնական առիթով իր արտասանած ճառին մէջ էր, որ անցեալ դարու երկրորդ կէսը յատկանշած Արեւելք-Արեւմուտք պայքարը բնութագրող ամէնէն դիպուկ բանաձեւումը ներկայացուց Չըրչիլ, ըսելով. «Պալթեան Սթեթին քաղաքէն մինչեւ Ադրիականի Թրիեսթէ քաղաքը երկաթեայ վարագոյր մը կիսած է [...]
ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը Յունուար 29ին ընդունեց Ռուսիոյ Դաշնային ժողովի Պետական տումայի նախագահ Պորիս Կրիզլովը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահը շնորհաւորեց Կրիզլովը՝ 2007ի Դեկտեմբերին Ռուսիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ղեկավարած «Ետինայեա Ռոսիա» կուսակցութեան համոզիչ յաղթանակին առթիւ:
Երկուստեք կարեւորուեցաւ «Ետինայեա Ռոսիա» եւ Հայաստանի Հանրապետական ու «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը:
Խօսելով հայ-ռուսական [...]
Հայ դպրոցը կը համարենք հիմնական եւ հոգեշահ խօսքեր կ՚ըսենք: Ոչ ոք կը կասկածի անոր կարեւորութեան եւ դերին՝ ազգի կազմաւորման եւ լինելութեան ճամբուն վրայ: Այս հասարակ տեղիք հաստատումէն ետք հարց պէտք է տալ, թէ աշակերտ, ծնողք եւ դպրոցի տէրեր՝ պետութիւն, միութիւններ կամ անհատներ, ինչպէ՞ս կ՚ըմբռնեն այդ դերը, ի՞նչ կ՚ակնկալեն անկէ, ինչպէ՞ս կը յաջողին իրականացնել իրենց ակնկալութիւնները, [...]
ՊՈԼԻՍ, «Պի.Պի.Սի.».- Թրքական դատարան մը 15 ամսուան առկախեալ բանտարկութեան դատապարտեց թուրք մտաւորական մը, որ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը անարգած ըլլալու համար յանցաւոր նկատուեցաւ։
Փրոֆ. Աթիլլա Եայլա ըսաւ, թէ դատավարութիւնը կու գայ ընդգծելու Թուրքիոյ մէջ ազատ խօսքի եւ ակադեմական քննարկումներու սահմանափակ ըլլալու իրողութիւնը։ Անոր «յանցանք»ը այն էր, որ ակադեմական քննարկումի մը ընթացքին ակնարկած էր, թէ թրքական հանրապետութիւնը [...]
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունուար 28ին, Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննեցին Լիբանանի մէջ արձանագրուած նախանցեալ օրուան մտահոգիչ միջադէպերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Եւրոպական միութիւնը կոչ ըրաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ինքնազսպումի դիմելու եւ քաղաքացիներուն չարտօնելու երկրին ապահովութեան եւ քաղաքացիներուն կայունութեան սպառնալ։
Եւրոպական միութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան եւ երկրին [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Երկիր Միտիա».- Երէկ, Յունուար 29ին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ղեկավար Արամ Մանուկեանի մահուան 89րդ տարելիցի օրը Հ.Յ.Դ. նախագահի թեկնածու Վահան Յովհաննիսեանը եւ նախընտրական կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Արմէն Ռուստամեանը Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ հանգչող Արամ Մանուկեանի շիրիմին:
Արամի շիրիմին յարգանքի տուրք մատուցելէ եւ ծաղիկներ զետեղելէ յետոյ իր [...]
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 22-23 Յունուար 2008ին, Ամմանի մէջ, կազմակերպութեամբ Յորդանանի Համակեցութեան ուսումնասիրական կեդրոնին եւ հովանաւորութեամբ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին, գումարուեցաւ կեդրոնի երկխօսութեան միջազգային երրորդ համագումարը։
Համագումարին հրաւիրուած էր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ իր բազմազբաղ ըլլալուն պատճառաւ լիազօրեց Սեպուհ արք. Սարգիսեանը (առաջնորդ Թեհրանի հայոց) զինք ներկայացնելու։
Համագումարին մասնակցեցան եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր, իսլամական կեդրոններու նախագահներ, կրօնապետներ եւ իսլամ-քրիստոնեայ [...]
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոս վերջին քանի մը օրերուն սկսած է արգելք հանդիսանալ Կազայի հետ իր սահմանային շրջաններուն սննդամթերքի, վառելանիւթի կամ այլ նիւթերու հայթայթումին՝ ջանալով պաղեստինցիները համոզել հրաժարիլ Եգիպտոս մուտք գործելէ։
Կազայի ժողովուրդը «Համաս»ի զինեալներուն կողմէ Եգիպտոսի հետ սահմանապատին ականահարումէն ետք ազատօրէն մուտք կը գործէ Եգիպտոս։ Եգիպտական ապահովական ուժերը ցարդ արգելք չեն հանդիսանար իսրայէլեան շրջափակման պատճառով պարենաւորման [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 29ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕի գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան ծրագիրի շրջանակներով Հայաստանի մէջ նախատեսուող «Համատեղ աղեղ եւ համատեղ նիզակակիր-2008» ռազմափորձերու նախնական ծրագրաւորման համաժողովի բացումը:
Համաժողովին կը մասնակցէին 100է աւելի զինուորականներ ՆԱԹՕի տարբեր հրամանատարութիւններու ներկայացուցչութիւններէն, ինչպէս նաեւ ռազմափորձերուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած շուրջ 20 երկիրներու զինուորականներ:
«Համատեղ աղեղ-2008»ը արագ արձագանգման տարրերով բազմազգ զօրախումբի [...]
Հայ մանուկը ընդհանրապէս ընթերցանութեան եւ յատկապէս մայրենի լեզուի ընթերցման մղելու նպատակով, ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ Երկուշաբթի, 21 Յունուարին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական յատուկ ձեռնարկ մը՝ նիւթ ունենալով «Մանկական գրականութիւնը՝ երեխային մտերիմ բարեկամը»: Օրուան բանախօսն էր Գրիգոր Շահինեան:
Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան: [...]
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական պատմութեան կաճառի նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու կը շարունակէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման իր պայքարը, այս անգամ պնդելով, թէ 1915ին տեղահանուած են միայն «ապստամբ հայեր»ը եւ տեղահանութեան ընթացքին հայերը մահացած են «սովի ու փոխանցիկ հիւանդութիւններու հետեւանքով»։
Հալաճօղլու Իզմիրի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին նաեւ ըսաւ, որ հայերը ապստամբութեան դիմեցին այն միջոցին, երբ օսմանցիները կը կռուէին [...]
Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի աշխատանքը իր ժապաւէններուն ընդմէջէն։ Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Սիւզան Խարտալեան Շուէտի շարժապատկերի հաստատութեան կողմէ մասնակցեցաւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցած ժապաւէններու փառատօնին՝ ներկայացնելով Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ես կ՚ատեմ շուները» ժապաւէնը։ Թոքիոյի մէջ ժապաւէնը երկու անգամ ցուցադրուեցաւ եւ կազմակերպողներու խոստովանութեամբ, ժողովուրդին կողմէ մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ։ Ապա ծրագրուած էր [...]
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երկուշաբթի, Յունուար 28 երեկոյեան տուաւ իր տարեկան վերջին «Միութեան վիճակը» գնահատականը, Քոնկրէսին առջեւ ելոյթի մը ընթացքին:
Այս տարուան նախագահական ընտրութեանց շուքին տակ մնացած ելոյթին ընթացքին անգամ մը եւս պնդեց, թէ կացութիւնը կը բարելաւուի Իրաքի մէջ, սակայն ընդունեց, թէ յաջորդ նախագահը Իրաքի հարցով լուրջ մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէ:
Ան դարձեալ [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007ին կազմուած է արտակարգ իրավիճակներու վերաբերեալ ամէնօրեայ տեղեկագիրներու հաւաքագրման նոր համակարգ, աշխատանքներ կ’ընթանան ուժեղ երկրաշարժի պարագային ծրագրային համակարգ կազմելու ուղղութեամբ: Այս մասին հաղորդեցին տարածքային կառավարման նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն եւ նշեցին, որ 2007ին մարզային փրկարարական վարչութիւններուն կողմէ կազմակերպուած են մօտ երեք հարիւր ուսումնական փորձեր, 27 ամբողջական ուսումնասիրութիւն, միջազգային մակարդակի խորհրդակցութիւներ: Նոյն ժամանակահատուածին Ճգնաժամային կառավարման [...]
Արարատեան դաշտը հայ ժողովուրդի կեանքի մէջ խաղացած է մեծ դեր, որուն շնորհիւ հայկական թագաւորութիւնը անուանուած է նաեւ Արարատեան թագաւորութիւն: Այս բնագաւառի մէջ Արտաշէսի նշանաւոր գործերէն մէկը մայրաքաղաքի՝ Արտաշատի հիմնադրութիւնն էր Արաքսի ձախ ափին, Մասիսի դիմաց՝ ներկայ Արարատի մարզի տարածքի մէջ, Խոր Վիրապի բլուրներու վրայ:
Քաղաքը հիմնադրուած է Ք.Ա. 180-160 թուականներուն եւ կործանուած՝ 368 թուականին, Շապուհ [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 28ի դրութեամբ նախագահի ընտրութիւններուն ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ հաւատարմագրուած են ԱՊՀ անդամ պետութիւններու, ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի 32 ներկայացուցիչներ:
Ընտրարշաւի դիտարկման ընթացքին ԱՊՀ գործադիր կոմիտէի նախագահի տեղակալ, գործադիր քարտուղար Վ. Կարքունը հանդիպումներ ունեցած է կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութեան հետ: Հայկական կողմը տեղեկացուցած է ընտրարշաւի ընթացքի, [...]
Կիրակի, 13 Յունուար 2008ին, Կլէնտէյլ հայ սքուլի ընդարձակ սրահը կը յորդէր անհամբեր հանդիսականներով: Ծնողք, ընտանիքներու մերձաւորներ, բարեկամներ եւ ընդհանրապէս պարարուեստը սիրող հարիւրաւոր ներկաներ կը սպասէին իրենց զաւակներուն, թոռնիկներուն ելոյթին:
«Լիլիա» պարախումբի ելոյթը իր ներկայութեամբ պատուած էր թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ համերգի առաջին բաժինէն յետոյ ելոյթ ունենալով, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ պարախումբին եւ [...]
Ամերիկայում՝ ամերիկացի 80ամեայ Ճիմին՝ «մերի քրիսմըս» ասելով է մօտենում իր հայ հարեւանին եւ ամերիկական Սուրբ ծննդեան արարողութեան առթիւ իր նուէրը յանձնում…
Ասել է, թէ ամերիկականից հայկական՝ «Օրհնեալ է ծնունդը Յիսուս Քրիստոսի» տօնական օրուայ երկշաբաթեայ ժամանակն ապրող Գէորգ Պետիկեան գրողը, լինի ծաւալուն պատմուածք, թէ առաւել սեղմուած ասելիք, միեւնոյն է, պահպանում է յանուն մարդու ասելիքի պարզութիւնն ու [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Յունուար 26ին Արցախի Քարինտակ գիւղին եւ Երեւանի Եռաբլուր պանթէոնին մէջ հաւաքուած հարազատները, մարտական եւ կուսակցական ընկերները նշեցին 16 տարիներ առաջ նոյն օրը Արցախի Քարինտակ գիւղի հերոսամարտի յաղթանակի օրը:
1992ի Յունուար 26ին գիւղի մարտիկները, Արտաշատի եւ Թալինի դաշնակցական ջոկատներու մարտիկներուն հետ միասին 12 ժամեր տեւող ռազմական գործողութիւններու աւարտին, ոչ միայն կարողացան հակահարուած տալ [...]
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Յունուար 26ին, Հարաւային Քարոլայնա նահանգին մէջ կայացած նախագահական դեմոկրատ թեկնածուներու նախնական ընտրութեանց ընթացքին ծերակուտական Պարաք Օպամա ապահովեց վճռական յաղթանակ մը։
Ան ապահովեց քուէներուն 55 առ հարիւրը, իսկ ծերակուտական Հիլըրի Քլինթըն՝ 27 առ հարիւր, մինչ Ճան Էտուըրտզի ի նպաստ քուէարկած է 18 առ հարիւրը։ Նախքան Փետրուար 5ի ընտրութիւնները, երբ 22 նահանգ պիտի կատարէ [...]
Արդէն թափ առած է Հայաստանի նախագահական ընտրապայքարը, որուն գլխաւոր եւ ակներեւ առանձնայատկութիւնը, զարմանալիօրէն անշուշտ, դեռ չկատարուած քուէարկութեանց արդիւնքը «ստուգապէս» կանխատեսող եւ վճռորոշող պետական-պաշտօնական քարոզարշաւն է։
Հ.Հ. նախագահի թեկնածու եւ գործող վարչապետ Սերժ Սարգսեանի ընտրական յաղթանակը անվիճելիօրէն ապահով համարելու ոգեւորութեամբ վարակուած են գրեթէ բոլոր զանգուածային լրատուութեան միջոցները, որոնք բացարձակ մեծամասնութեամբ կը թաւալին օրուան իշխանութեանց ազդեցութեան ոլորտին [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», Հանրային Ձայնասփիւռ.- Հ.Յ.Դ. նախագահի թեկնածու Վահան Յովհաննիսեանի ներկայացուցիչները տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ կը պատրաստուին լուրջ աշխատանքի: Դաշնակցութիւնը, առանց բացառութեան, բոլոր տեղամասերուն մէջ պիտի ունենայ է իր ներկայացուցիչը եւ վստահուած անձը: Միայն այդ աշխատանքի համար արդէն պատրաստուած է 5 հազար մարդ: Բացի այդ, Վահան Յովհաննիսեանի նախընտրական գրասենեակները պիտի գործեն յատուկ համակարգով եւ բաժնուած են [...]
Տարիներ առաջ մի յօդուած կարդացի գիտական ամսագրերից մէկում, որտեղ խօսւում էր կենդանիների բնածին եւ ձեռքբերովի յիշողութեան մասին: Գիտնականներն այսպիսի փորձ էին արել առնէտների հետ. ձկան մսի կտորը դրել էին մի մետաղալարի ծայրին, որի միջով հոսանք էր անցնում: Սոված առնէտը մօտենում է միսն ուտելու, բայց հոսանքը խփում է: Նորից ու նորից է փորձում, հոսանքը դարձեալ խփում [...]
ՄԵԼՊՈՒՌՆ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին աւարտեցաւ «Կրէնտ սլէմ» մակարդակի Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը:
Տղոց աւարտական մրցումին, երրորդ դասուած Նովաք Ճոքովիչ, որ դէպի աւարտական իր ճամբուն վրայ պարտութեան մատնած էր աշխարհի թիւ մէկը՝ Ռոժէ Ֆետէրէրը, տիրացաւ տիտղոսին, երբ 4-6, 6-4, 6-3, 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի իր մրցակիցը՝ Ճօ Ուիլֆրիտ Ցոնկան, առաջին անգամ ըլլալով «Կրէնտ սլէմ» մակարդակի [...]
ՔԱՐՏԻՖ, «Պի.Պի.Սի.».- Կիրակի, Յունուար 27ին, մինչ Քարտիֆի (Կալէս) փոքրաթիւ հայութիւնը կը պատրաստուէր Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին ու ցեղասպանութեանց նուիրուած ձեռնարկի մը, քաղաքին մէջ անցեալ տարի հաստատուած Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ հայկական խաչքար մըն էր, պղծուեցաւ անյայտ ձեռքերու կողմէ: Դէպքին վայրը գտնուեցաւ նաեւ ոճիրին համար օգտագործուած մուրճը: Ոստիկանութեան համաձայն, յարձակումը տեղի ունեցած է Կիրակի կանուխ առաւօտեան:
[...]
Քանի մը օր առաջ, «լուսանցքային» լուր մը սպրդեցաւ մամուլի կարգ մը «պատուհաններ»էն. Ուաշինկթըն որոշած է 2 միլիառ տոլարի զինական օժանդակութիւն տրամադրել Փաքիստանի։
Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ, Փաքիստանի եղելութիւնները աշխարհը շնչասպառ ըրին։ Նախ ականատես եղանք նախագահ Մուշարրաֆը զինուորական տարազէ մերկացնելու բեմադրութեան, ապա տեղի ունեցաւ Պենազիր Պութոյի սպանութիւնը։ Այդ իրադարձութիւնները բռնեցին միջազգային, ներառեալ ամերիկեան մամուլին գլխաւոր էջերն [...]
Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ՀԴՅ), Կիպրոսի նախագահական ընտրութիւններուն նախաշեմին, հրաւիրեց երեք հիմնական թեկնածուները, որպէսզի ելոյթ ունենան կիպրահայ ընտրազանգուածին առջեւ։ Իոաննիս Քասուլիտես, ընդունելով հրաւէրը, 16 Յունուարին, Ազգային առաջնորդարանի «Իւթիւճեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ կիպրահայութեան առջեւ։
Երեկոյի բացման խօսքը կատարեց Յակոբ Մանուկեան։ Ան Հ.Յ.Դ. Կիպրոսի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անունով դրուատեց Քասուլիտեսի տարած հայանպաստ աշխատանքը [...]
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամը իր գործունէութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկը ճշդած էր հրատարակչական աշխատանքը: Վերջերս այս ուղղութեամբ առնուեցան հետեւեալ գործնական քայլերը.-
Ա.- Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հրատարակչական յանձնախումբ մը նշանակուեցաւ բաղկացած հետեւեալ անձերէն՝ Երուանդ Փամպուքեան, ատենապետ (Պէյրութ), Շահան Գանտահարեան (Պէյրութ), Կիրօ Մանոյեան (Երեւան), Հայկ Օշական (Նիւ Եորք) եւ Կարօ Մոմճեան [...]
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն Շիյահի Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ շրջանին մէջ, Կիրակի, Յունուար 28ի յետմիջօրէին դարձեալ ցոյցեր տեղի ունեցան՝ բողոքելու համար շրջանին մէջ ելեքտրական հոսանքին երկարատեւ ընդհատումներուն դէմ։
Սակայն մինչ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցած նման ցոյցերը կ՚աւարտէին քանի մը անիւներու հրկիզումով եւ լիբանանեան բանակին միջամտութեամբ, Կիրակի օրուան խլրտումը տարբեր բնոյթ եւ տարողութիւն ստացաւ, [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի ճատրակիստ Լեւոն Արոնեանը Յունուար 27ին, Հոլանտայի Վէյք-ան-Զէի ճատրակի գերմրցաշարքին վերջին՝ 13րդ փուլին, հաւասարելով հունգարուհի Ճուտիթ Փոլկարի հետ, 8 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց նորվեկացի Մակնուս Քառլսէնը, եռեակը եզրափակեց աշխարհի ախոյեան Վիշվանաթան Անանտը (Հնդկաստան)՝ 7.5 կէտ:
Սլովաքիան ներկայացնող Սերկէյ Մովսիսեանը, հաւաքելով 9 կէտ, դարձաւ նոյն մրցաշարքի երկրորդ մակարդակի յաղթողը, իսկ [...]
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունուար 28ին, Իրաքը բռնագրաւող ամերիկեան ուժերուն վրայ հիւսիսային Մոսուլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուեցան առնուազն հինգ զինուորներ: Ամերիկացի պաշտօնատարներ անմիջապէս յարձակումին պատասխանատու համարեցին «Քայիտա»ի զինեալները:
Նոյն օրը, Իրաքի Կարմիր մահիկի աղբիւրները հաղորդեցին, թէ անցեալ Չորեքշաբթի օր Մոսուլի մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական արարքին զոհերուն թիւը 60ի մօտ է, մինչ նախապէս [...]
Երեքշաբթի, Յունուար 29ը Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնն է. այս առիթով տեղի պիտի ունենայ Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած հոգեւորականաց համագումար, իսկ երեկոյեան՝ Ս. Պատարագ։ Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը տօնն է նաեւ Հայ Քահանայութեան։ Ազգային առաջնորդարանը, տարիներու աւանդութեան համաձայն, թեմիս բարեջան առաջնորդ հօր հովանաւորութեամբ, հոգեւորականաց համագումար կը կազմակերպէ, հոգեւոր խորհրդածութեան, լսարանային պահեր եւ դաստիարակչական բնոյթի դասախօսութիւններու կը [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 26ին նախագահ Քոչարեանի մասնակցութեամբ Ծաղկաձորի մէջ հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ ճոպանուղիի 5րդ գիծին, որուն շինարարական աշխատանքներու եւ ընդհանուր գոյքի համար անհրաժեշտ գումարները տրամադրուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ: Ճոպանուղիի նոր գիծի երկարութիւնը շուրջ 2 հազար մեթր է եւ կառուցման աշխատանքները սկսած են 2004ին: Ճոպանուղիի այս գիծին յարող նոր կառուցուող կամ վերակառուցուող 7.5 քիլոմեթր [...]
Օ՜, Պուրճ Համուտ եւ իր անզուգական, առասպելական տիպարները, կարծես ըլլան իտալական օփերայի մը կորսուած մէկ արարը, որ կը կատարուի ամէն օր, ամէն ժամ, առանց բեմագրութեան ու բեմադրիչի:
Ամերիկայի մէջ կը յիշուին Թամ Սոյըրի, Մարք Թուէյնի արկածախնդրութիւնները եւ կամ իտալական մաֆիայի խելագարութիւնները, որոնք յաճախ նիւթ կը դառնան Հոլիվուտի ֆիլմարուեստին, որ ցարդ չէ կրցած Պուրճ Համուտի բնական [...]
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի իշխանութիւնները Կիրակի, Յունուար 27ին յայտարարեցին, որ պիտի վերսկսին վառելանիւթ մատակարարել Կազային, «Համաս»ի հակակշռին տակ գտնուող շրջանը շրջափակումի ենթարկելէ տասը օր ետք։
Որոշումը յայտարարուեցաւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութեանց կողմէ շրջափակման դէմ Իսրայէլի գերագոյն դատարանին ներկայացուած բողոքագրին յանձնումէն ետք։ Այդ յայտարարութիւնը կատարուեցաւ, մինչ իսրայէլացի եւ պաղեստինցի ղեկավարներ Կազա-Եգիպտոս սահմանին վրայ տագնապին սկսելէն ետք առաջին անգամ [...]
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՀԴՅ) կը տեղեկացնէ, թէ 2008ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեանց դեմոկրատ թեկնածու՝ ծերակուտական Ճան Էտուըրտզ եւս կոչ ըրած է վաւերացնելու Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը, սակայն միաժամանակ շեշտելով, թէ Ուաշինկթըն պէտք է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքները շարունակէ:
2002էն սկսեալ ծերակուտականը հովանաւորած է Հայկական Ցեղասպանութեան զանազան բանաձեւեր:
Պոլսոյ երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթը անդրադարձած է թրքական պատմութեան կաճառի նախագահ փրոֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլուի «ծագումով հայերու» ցանկին մասին յայտարարութեանց, նշելով, որ այդ ցանկը թուրք ազգայնամոլներու համացանցային կայքէջերուն վրայ հրապարակուած է, ինչ որ քիւրտերու, հայերու եւ ասորիներու հասցէներուն նախատինքներու պատճառ դարձած է:
«Ակօս» կը նշէ, որ տակաւին անյայտ է, թէ ինչպէ՞ս եւ որո՞նք այդ անուանացանկերը փոխանցած են [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա ապրող Աննա Միքայէլեանի «Մըրմէտզ» շարժապատկերը այս տարուան «Սանտէնս» հռչակաւոր փառատօնին Համաշխարհային շարժապատկերի մրցանակին տիրացաւ: Անոր ֆիլմը անցեալ շաբթուան ընթացքին չորս առիթներով ցուցադրուեցաւ:
Պաքու ծնած եւ Երեւան մեծցած Միքայէլեան 2004ին, երբ 17 տարեկան էր, Մոսկուա փոխադրուած է, ճիշդ իր նորագոյն շարժապատկերին հերոսուհիին նման: Միքայէլեան նաեւ շարժապատերին բեմագիրն է:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Ականազերծման կեդրոնին տրամադրած է 300 հազար տոլար արժէքով ականներու յայտնաբերման եւ վնասազերծման սարքաւորումներ: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը, ուր նշուած է, թէ սարքաւորումները արդէն Հայաստան բերուած են եւ հայկական բանակին կողմէ պիտի օգտագործուին ականազերծման աշխատանքներու համար:
Ըստ հաղորդագրութեան, սարքաւորումները հայ սակրաւորներու կողմէ պիտի գործածուին [...]
Հինգշաբի, 24 Յունուարին, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Կլէնտէյլի քաղաքապետութեան քաղաքաշինութեան բաժանմունքի ծրագրումի գրասենեակին վարիչը՝ Հասան Հաղանիի։ Անոր կ՚ընկերանար քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան։
Հաղանի ծանօթացաւ առաջնորդարանի նորակառոյց շէնքին եւ ընդհանուր ծանօթութիւններ տուաւ իր գրասենեակի աշխատանքին ու ծրագիրներուն մասին, պատրաստակամութիւն յայտնելով սերտօրէն գործակցելու [...]
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վերջերս Լօզանի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ հաւաք մը՝ ի պատիւ «Արմենօֆաս»ի տնօրէնուհի դոկտ. Քորին Հէնշոսի: Հէնշոս վերջին տասը տարիներուն տնօրէնուհին էր «Արմենօֆաս»ին. ան այժմ կը հրաժարի այս պաշտօնէն՝ ստանձնելու համար պաշտօն մը Զուիցերիոյ կառավարութեան մէջ: Յիշեալ հաւաքի ընթացքին յանուն վեհափառին խօսք առաւ Թենի Սիմոնեան եւ գնահատանքը փոխանցեց Հէնշոսին, որ նուիրումով ծառայած էր «Արմենօֆաս»ին, մօտէն [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ նախագահի թեկնածու Արման Մելիքեանը Յունուար 28ին «Հայելի» ակումբին մէջ բանավիճեցան նախընտրական ծրագիրներու որոշ դրոյթներու շուրջ:
Նախագահի թեկնածու Արման Մելիքեանի խօսքերով, թէեւ դաշնակցական առանձին գործիչներ ազատագրուած տարածքները չյանձնելու վերաբերեալ բաւական յստակ մօտեցումներ ցուցաբերած են, սակայն Դաշնակցութեան՝ որպէս կուսակցութեան, տեսակէտը չէ հնչած:
Չհամաձայնելով [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 27ին, Երեւանի «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք եւ համերգ, որմէ ստացուած հասոյթը տրամադրուեցաւ շարք մը մանկատուներու եւ հաշմանդամ երեխաներու:
Բարեգործական ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին «Ֆիլհարմոնիք կեդրոնը» եւ «Ոսկէ տերեւ» կազմակերպութիւնը, աջակցած են նաեւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Հայորդաց տուները:
«Մեսրոպեան» ազգային վարժարանը այս տարի իր հիմնադրութեան 43րդ տարեշրջանը պիտի բոլորէ։ Արդար է ըսել, թէ վարժարանս հայ համայնքին օժանդակութեամբ եւ համագործակցութեամբ 43 տարիներ գոյատեւած է:
«Մեսրոպեան»ի խնամակալ մարմինը կազմակերպած է ճաշկերոյթ մը, որուն հիմնական նպատակն է սատարել դպրոցիս տնտեսական վերելքին։ «Մեսրոպեան» իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, իր անսակարկ ծառայութիւնը ի սպաս դրած է Սփիւռքի մէջ [...]
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեանի եւ կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանի արուեստի կեդրոնին, Ուրբաթ, 18 Յունուար 2008ի երեկոյեան ժամը 6ին, «Հայկազեան» համալսարանի «Արթիւր Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Միսաք Թերզեանի գործերուն անհատական ցուցահանդէսը՝ «Հոս, հոն եւ այնտեղ» ընդհանուր թեմայով։
Ներկայացուած էր աւելի քան 50 պաստառ, որոնք կը խորհրդանշէին լիբանանցի ժողովուրդին ապրած ցաւալի իրականութիւնը՝ [...]
ԵՐԵՒԱՆ, Հանրային Ձայնասփիւռ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի գլխաւորութեամբ, Յունուար 28ի առաւօտուն Եռաբլուր պանթէոնին մէջ Հայաստանի բանակի կազմաւորման 16ամեակի առթիւ յարգանքի տուրք մատուցեց՝ հայոց բանակի նահատակներուն։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան բանակի 16ամեակին նուիրուած իր ելոյթին մէջ վստահեցուց, որ «Հայոց բանակն այսօր կայացած է, իսկ բանակի օրուայ [...]