Home » February 29th, 2008Entries posted on “February, 2008”

ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ Փետրուարեան Ապստամբութեան Ոգեկոչում

ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻ Փետրուարեան Ապստամբութեան Ոգեկոչում

ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- Հ.Յ.Դ. «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Փետրուարեան ապստամբութեան 87րդ տարեդարձը ոգեկոչուեցաւ Փետրուար 16ին, Օրէնճ Քաունթիի Հայ կեդրոնին մէջ: Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեանի աղօթքին յաջորդեց, կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ ընկ. Կարօ Քիլէճեանի բացման խօսքը:
Ձեռնարկին մասնակցող շուրջ 120 ներկաները առիթ ունեցան լսելու եւ ապա անձնապէս հանդիպելու գաղութիս մէջ հիւրաբար [...]

February 29th, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Յատկացուեցան ԱՄՆ Դեսպանատան «Համայնքային Ինքնաջակցման Հիմնադրամ»ի Ծրագիրի 8րդ Փուլի Դրամաշնորհները

Յատկացուեցան ԱՄՆ Դեսպանատան «Համայնքային Ինքնաջակցման Հիմնադրամ»ի Ծրագիրի 8րդ Փուլի Դրամաշնորհները

ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան «Համայնքային ինքնաջակցման հիմնադրամ» (ՀԻՀ) ծրագիրի վերջին՝ 8րդ փուլի շրջանակներով դրամաշնորհներ տրամադրուած են մարզերուն մէջ 5 ծրագիրեր իրականացնելու համար: 108,397 տոլար ընդհանուր արժէքով ծրագիրի այս փուլին պիտի վերանորոգուի Կոտայքի մարզի Արզաքան գիւղի մանկապարտէզը, խմելու ջուրի համակարգերու բարելաւման եւ վերանորոգման աշխատանքներ պիտի իրականացուին Վահագնի (Լոռիի մարզ), Լեռնակերտ (Շիրակի մարզ) [...]

February 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՔԱՓՈՒԼՔՈՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ ՀԱՍԱՒ

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԱՔԱՓՈՒԼՔՈՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ ՀԱՍԱՒ

ԱՔԱՓՈՒԼՔՕ, Մեքսիքօ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 28ի երեկոյեան տեղի ունեցած արհեստավարժ թենիսի Աքափուլքոյի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ առաջին դասուած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան 6-3, 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի Փոթիթօ Սթարաչէն, կիսաւարտականին հասնելով:
Նկարին մէջ, Նալպանտեան քառորդ աւարտականի մրցումին ընթացքին:

February 29th, 2008

| Posted in Uncategorized | Read More »

Ելենա Միքայէլեան-Չելեաբովա (1917-2008)

Ելենա Միքայէլեան-Չելեաբովա (1917-2008)

Փետրուար 8ին, մեզմէ առ յաւէտ բաժնուեցաւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի թոռնուհին՝ Ելենան:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Փետրուար 19ին, Hollywood Hills գերեզմանատան մատուռին մէջ, խումբ մը սգակիրներու ներկայութեան:
Արարողութենէն առաջ ցոյց տրուեցաւ տեսաերիզ մը Ելենայի կեանքէն, պատրաստուած իր զաւկին՝ Նիքոլայի կողմէ, մինչ մատուռին մէջ մեղմօրէն կը լսուէին Չիվան Գասպարեանի մեղեդիները, զորս նոյնպէս ընտրած էր զաւակը:
Արարողութեանց կը [...]

February 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ԹՈՌՆՈՒՀԻ ԵԼԵՆԱ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ-ՉԵԼԵԱԲՈՎԱՅԻ ԹԱՂՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ ԹՈՌՆՈՒՀԻ ԵԼԵՆԱ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ-ՉԵԼԵԱԲՈՎԱՅԻ ԹԱՂՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Արժանապատիւ տէր հայր, սգաւոր ընտանիք, սգակիր ընկերներ եւ հայրենակիցներ,
Քիչ ետք, երբ հողին յանձնենք Ելենա Միքայէլեան-Չելեաբովայի դագաղը, վերջ կը գտնէ յայտնի յեղափոխական, Հ.Յ.Դաշնակցութեան գլխաւոր հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի ընտանիքը:
Ելենան, թէեւ մէկ քառորդով միայն հայ էր եւ պարագաներու բերումով բոլորովին անծանօթ էր հայերէն լեզուին եւ հայ ժողովուրդին, բայց, ինչպէս որ արդէն ըսուեցաւ իր կենսագրութեան մէջ, «հոգուով [...]

February 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Քոսովոյի Վերահսկիչ Մարմինը Կը Մերժէ Շրջանին Մէջ Անջատ Ոստիկանութեան Մը Կազմութիւնը

Քոսովոյի Վերահսկիչ Մարմինը Կը Մերժէ Շրջանին Մէջ Անջատ Ոստիկանութեան Մը Կազմութիւնը

ՓՐԻՇԹԻՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Նորակազմ Միջազգային ղեկավարման խմբակը, որ Քոսովոյի անկախութեան հռչակումէն ետք անոր յառաջդիմութեան պիտի հսկէ, մերժեց նորակազմ երկրին մասնատումը կամ անոր տարածքին մէջ անջատ ապահովական կառոյցներու գոյացումը։
Սերպիոյ նախկին նահանգը Փետրուար 17ին անկախութիւն հռչակեց։ Սերպ կառավարութիւնը խոստացաւ երբեք չընդունիլ անջատումը եւ կը փորձէ Քոսովոյի հիւսիսը գտնուող սերպ շրջանները իր վերահսկողութեան ենթարկել։
Միջազգային ղեկավարման խմբակի ղեկավար [...]

February 29th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄՈՐԵԼԻԱ-ԼԻՆԱՐԵՍ ՃԱՏՐԱԿԻ ԳԵՐՄՐՑԱՇԱՐՔԻ 8ՐԴ ՓՈՒԼ Արոնեան Յաղթեց Թոփալովին

ՄՈՐԵԼԻԱ-ԼԻՆԱՐԵՍ ՃԱՏՐԱԿԻ ԳԵՐՄՐՑԱՇԱՐՔԻ 8ՐԴ ՓՈՒԼ Արոնեան Յաղթեց Թոփալովին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Փետրուար 29ին, Սպանիոյ Լինարես քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Մորելիա-Լինարես ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքի 8րդ փուլին Հայաստանի ճատրակիստ Լեւոն Արոնեան սպիտակ քարերով յաղթեց պուլկարացի Վեսելին Թոփալովին: Արոնեան այժմ 4.5 կէտով կը կիսէ 2-3րդ դիրքերը նորվէկացի Մակնուս Քառլսենի հետ, որը այս փուլին սեւերով յաղթեց ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքին: Փուլի միւս մրցումներուն Վիշվանաթան Անանտը՝ Հնդկաստանէն, յաղթեց Ալեքսէյ [...]

February 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՔԱՆԱՏԱ Հայերէն Ընթերցում

ՔԱՆԱՏԱ Հայերէն Ընթերցում

«Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ Վիգէն Ֆրունճեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած «Հայերէնի ընթերցումի մասին» յօդուածը ինծի ներշնչեց, որ քննեմ սոյն հարցը, նկատի ունենալով միմիայն մեր՝ Մոնթրէալի հայ գաղութը:
Մոնթրէալի մէջ շատ կազմակերպուած գաղութ մը ըլլալով, առաջին ակնարկով կը կարծենք, որ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, նաեւ հաստատութիւնները ունինք՝ կասեցնելու այս ընդհանրացած «ընթերցումի նահանջի» համաճարակը: Կարեւորագոյն գործիքը Սուրբ Յակոբ ամէնօրեայ վարժարանն [...]

February 29th, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Մարտ 2-6ին Հայաստան Պիտի Այցելէ

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Մարտ 2-6ին Հայաստան Պիտի Այցելէ

ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Կառավարութեան եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հրաւէրով Մարտ 2-6ին Հայաստան պիտի այցելէ Վատիկանի պետական քարտուղար, կարտինալ Դարչիզիօ Փերթոնէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցի ընթացքին ծրագրուած են կարտինալ Փերթոնէի հանդիպումները նախագահ Քոչարեանին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, վարչապետ Սարգսեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանին հետ:
Մարտ 3ին նախատեսուած են Վատիկանի պետական քարտուղարի այցելութիւնները Եղեռնի յուշահամալիր՝ Վ. [...]

February 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Սումկայիթի Չարդերուն 20րդ Տարելիցի Նշում Վրաստանի Եւ Քրասնոտարի Մէջ

Սումկայիթի Չարդերուն 20րդ Տարելիցի Նշում Վրաստանի Եւ Քրասնոտարի Մէջ

Վրաստանի Հայկական համագործակցութեան կեդրոնի մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Փետրուարի 28ին, Թիֆլիսի Պ. Ադամեանի անուան թատրոնին մէջ կազմակերպուած է յիշատակի երեկոյ՝ նուիրուած Սումկայիթի ջարդերուն 20ամեակին, որուն յաջորդեցին Պաքուի, Կիրովապատի եւ այլ շրջաններու ջարդերը:
Նկարներու ցուցահանդէսի միջոցաւ ներկայացուած էին 20րդ դարի սկիզբը եւ վերջաւորութեան տեղի ունեցած հայկական ջարդերը, ղարաբաղեան պատերազմէն դրուագներ, սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը, [...]

February 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »