ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պիթլիսի մէջ պաշտօնավարող ոստիկանութեան պատասխանատու մը՝ Կէօքհան Ասլան ու Ըղտըրի մէջ պաշտօնավարող ոստիկանութեան յիսնապետ Ուղուր Էրտողան Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ Հինգշաբթի, Մայիս 29ին հարցաքննուեցան ու հաստատեցին երկու ոստիկաններու այն պնդումները, թէ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հրամանատար գնդապետ Ալի Էօզը տեղեկութիւն ունէր, որ Հրանդ Տինք պիտի սպաննուի։ Ասլան ու Էրտողան այդ շրջանին Տրապիզոնի մէջ կը պաշտօնավարէին, [...]





