Home » June 30th, 2008Entries posted on “June, 2008”
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Յունիս 29ը յիշատակուած է՝ իբրեւ անհետք կորսուածներու օր: Այդ առթիւ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորութեամբ, Կիրակի օր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ «Եռաբլուր» պանթէոնէն ներս:
Ղարաբաղի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետք կորսուածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովի տուեալներով՝ արցախեան պատերազմի տարիներուն Ղարաբաղի մէջ անհետք կորսուած կը համարուի շուրջ 700-800 մարդ: Յանձնաժողովի նախագահ Վիկտոր Քոչարեան [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍԹՐԱՍՊՈՒՐԿ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Նախիջեւանի մէջ հայկական գերեզմաններու ոչնչացման հարցով Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի Մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան յանձնախումբի բրիտանացի զեկուցող Էտուըրտ Օ’Հարա անգամ մը եւս յետաձգած է Ատրպէյճան եւ Հայաստան իր այցելութիւնը, «քաղաքական պատճառներով»:
Յայտնենք, թէ զեկուցողը վերջին երեք տարիներուն քանի մը առիթներով պարտադրուած է այս այցելութիւնը յետաձգել, Ատրպէյճանի իշխանութեանց սահմանած անընդունելի պայմաններուն պատճառով:
Յանձնախումբին նախագահը [...]
June 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԹՐԱՍՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուակցութիւնը փակելու պարագային Թուրքիոյ դէմ պատժական քայլերու դիմելու սպառնալիքէն քանի մը օր ետք, Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Երկուշաբթի, Յունիս 30ին Անգարայէն պահանջեց վերադարձնել Եգէական ծովու թրքական երկու կղզիներու բնակիչ պոնտոսցի յոյներուն պատկանող անշարժ գոյքը, որ 1950ական թուականներուն թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած էր:
«Պաշտպանել յունական փոքրամասնութեան իրաւունքները» խորագրուած կոչով, Եւրոպայի [...]
June 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յունիս 28ին, ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպած է նոյն օրը Ստեփանակերտ ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Մեթիու Պրայզայի (ԱՄՆ), Եուրի Մերզլեաքովի (Ռուսիա) եւ Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա) հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Բակօ Սահակեան ընդգծած է, որ առանց բանակցային գործընթացին մէջ ԼՂՀ մասնակցութեան՝ կարելի չէ հասնիլ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Մանուշեհր Մոթթաքի Կիրակի, Յունիս 29ին յայտնեց, թէ Իսրայէլ Իրանի դէմ յարձակում գործելու ծրագիր չունի: «Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ այդպիսի քայլ մը ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ», աւելցուց ան:
Ան նշեց, որ Իսրայէլ տակաւին Լիբանանի մէջ 2006ին «Հըզպալլա»ի դէմ պատերազմին հետեւանքները կը կրէ եւ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ «խորացող անօրինականութեան տագնապէ» մը [...]
June 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պետական աղբիւրներ Երկուշաբթի, Յունիս 30ին հաղորդեցին, թէ ՄԱԿի Համաշխարհային պարէնային ծրագիրը կասեցուցած է Ատրպէյճանի գաղթականներուն տրամադրուող սննդեղէնի օժանդակութիւնը: Այսուհետեւ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պիտի տրամադրէ այս նպաստները ազերի գաղթականներուն :
1994էն ի վեր ՄԱԿի Համաշխարհային պարէնային ծրագիրը սննդեղէնի օժանդակութիւն կը տրամադրէր մօտաւորապէս 70,000 ատրպէյճանցի գաղթականներու:
June 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Հայաստան ծառատունկ ծրագիր (ATP) բարեգործական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ Վըրճինիա Օհանեան վերջերս 150,000 տոլարի յաւելեալ նուիրատուութիւն մը կատարած է կազմակերպութեան, որու շնորհիւ հիւսիսային Հայաստանի Լոռի մարզին մէջ բացում կատարուած է Վըրճինիա եւ Մայքըլ Օհանեաններու կենսոլորտի կեդրոնը:
Յայտնենք, թէ Վըրճինիա եւ Մայքըլ Օհանեանները տարիներ առաջ 100,000 տոլարի նուիրատուութեամբ մը հաստատած էին Կարին գիւղին մէջ գտնուող [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ռազմական հակահետախուզութիւնը, պաշտպանութեան նախարարի վերահսկիչ-վերստուգիչ յանձնաժողովի հետ միասին ձեռնարկած հետախուզական միջոցառումներուն իբրեւ արդիւնք՝ անցեալ Շաբաթ օր, չորս հազար տոլար կաշառք վերցնելու պահուն ձերբակալուած է զինուորական կեդրոնական հիւանդանոցի քիթ-կոկորդ բաժինի պետ, մայորի աստիճան ունեցող Ստեփան Գէորգեանը։
Բաժինի Պետը կաշառք փորձած է վերցնել զինուորական հիւանդանոցին մէջ բուժման ենթարկուող զինծառայողի մը ծնողքէն, որպէսզի [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ապրիլ 24ի առիթով, Ծերակուտական Ատամ Շիֆ այցելութիւն մը տուաւ 100ամեայ Ղազարոս Գատեմեանի բնակարանը, Կլէնտէյլ:
Այցելութեան նպատակն էր տեղեկանալ ականատեսի մը վկայութիւններուն՝ ջարդերուն եւ տեղահանութիւններուն մասին:
Ղազարոս Գատեմեանը կը պատմէ իր տեսածը եւ գլխուն եկածը.-
«Ծնած եմ 1908 թուականին, աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկուն մէջ, որ կը կոչուի Զէյթուն:
«Զէյթունը լեռնային շրջան մըն է. անոր ժողովուրդը առողջ եւ քաջ է՝ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԳԻՒՄՐԻ.- Անցեալ Շաբաթ օր, Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմնակիցներու կազմակերպած հաւաք-ցոյցը, որուն ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Տէր Պետրոսեան խորհուրդ տուաւ ներկաներուն «Յարգանքով վերաբերուել ոստիկանութեանը եւ բանակին»։
Գիւմրիի թատերական հրապարակի վրայ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին, Տէր Պետրոսեան յայտարարած է, որ մինչեւ Յուլիս 3, երբ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդդիմութեան յաջորդ հանրահաւաքը, կրնայ հրապարակուիլ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Անցեալ Ուրբաթ օր, Սուտանի Խարթում քաղաքէն Թուպա թռչող ռուսական արտադրութեան «Անթոնով 12» տեսակի ինքնաթիռ մը վար ինկած է։ Արկածին զոհ գացած են անձնակազմի եօթը հոգիներ, որոնցմէ մէկը՝ Հայաստանի քաղաքացի, չորսը՝ ուքրանացիներ, երկուքը՝ սուտանցիներ։ Անձանակազմէն մէկը՝ սուտանցի Մուհամմէտ Համզան, փրկուած է։
Արկածին պատճառ հանդիսացած են եղանակային վատ պայմանները։ Համզա վկայած է, որ կայծակ մը հարուածած է [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Յուլիս 2ին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Թուրքիա: Այդ մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Նեսթերենքօ: Անոր խօսքերով, Սերկէյ Լաւրովի այցելութիւնը Թուրքիա թոյլ պիտի տայ մանրամասնօրէն քննարկել տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրները:
Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին Իրաքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերը, Իրանի միջուկային ծրագիրն ու Քոսովոն, իրադրութիւնը [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Վազգէն Սարգսեանի անուան սպայից վարժարանը այս տարի ունեցաւ 230 շրջանաւարտներ, որոնք պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ ստացան սպայական կոչում։
Շրջանաւարտ սպաները հրաձիգներ են, հրասայլի եւ հրետանիի հրամանատարներ։
Չերմօրէն շնորհաւորելով նոր սպայական կոչում ստացած երիտասարդները՝ նախարար Օհանեան յայտնեց, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը կը հպարտանայ իրենցմով, որովհետեւ իրենք կու գան համալրելու հայոց բանակի սպայակազմը, [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Յունիս 26ին, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Արժանթինի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն-շնորհահանդէս՝ պրազիլահայ ճարտարապետ եւ լուսանկարիչ Ստեփան Նորայր Շահինեանի՝ «Արմենիա» լուսանկարչական ալպոմին Արժանթինի մէջ լոյս ընծայման առիթով:
Հայաստանի դեսպանատան մէջ կայացած միջոցառման ներկայ էին «Հայաստան» Հիմնադրամի Պուենոս Այրէսի յանձնախումբի անդամներ, արժանթինահայ բարերարներ, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայ քրիստոնեայ եկեղեցասէր երիտասարդաց առաքելութիւն դէպի Հայաստան ծրագրի կազմակերպութեամբ, թեմին երիտասարդ-երիտասարդուհիները՝ թիւով 26 հոգի, Յուլիս 2էն մինչեւ 18, Եդեմի Ս. Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ կեդրոնական Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդ Վարդան Ա. քհնյ. Գասպարեանի գլխաւորութեամբ պիտի այցելեն Հայաստան: Նոյն օրերուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ Համազգային [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «29 Յունիսի 2008, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւան».– Անցած շաբաթավերջին, Աթէնքի արուարձաններէն Սունիոյի «Grecotel Cape Sounio» պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականի երկօրեայ համագումարը, ուր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մասնակցեցաւ երկու պատգամաւորներով՝ Յունաստանէն ընկերուհիներ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Տիրա Ցուքալա: Համագումարի ընթացքին արծարծուեցան բազմաթիւ հարցեր՝ կապուած ընկերային երեւոյթներու, գաղթականաց, մարդկային ու կանանց իրաւունքներու հետ. խորհրդաժողովը կը կրէր «Կանանց իրաւունքները [...]
June 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Շաբաթ, 28 Յունիսի երեկոյեան, CBS Studio Center-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներով ողողուած էր: Այստեղ աննախընթաց յաջողութեամբ իրագործուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 33րդ Մարզախաղերու յաղթանակները գովերգող Յաղթանակի պարահանդէսը, աւելի քան 700 մասնակիցներով:
Յաղթանակի պարահանդէսի գլխաւոր հովանաւորն էր «Վաքովիա» դրամատունը:
Երեկոյեան ժամը 7-8, տեղի ունեցած հիւրասիրութենէն ետք, ներկաները առաջնորդուեցան իրենց տեղերը, ուր ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ողջունեց զանոնք ծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Շանթ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյան, երէկ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցին յայտնած է, որ ի պատասխան Դաշնակցութեան կողմէ յստակացում պահանջող հարցումին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակէն փոխանցուած է հայ-թրքական միացեալ յանձնաժողով կազմելու նախագահի առաջարկի էութեան բացատրութիւնը:
Ըստ Մանոյեանի, ստացուած բացատրութիւնը կը յստակացնէ, որ «Հայաստանի նախագահի արտայայտած համաձայնութիւնը մէկ այլ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Մեհմեթ Շիմշէք, Իգտիրի մէջ տեղի ունեցած շրջանային զարգացման ժողովի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ նման տնտեսական ուժ ունեցող երկիր մը կարիքը չունի Հայաստանի հետ տնտեսական կապերու՝ շեշտելով, որ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար Հայաստանն է, որ քայլերու պէտք է դիմէ։ «Մենք իրենց պէտք չունինք, իրե՛նք են, որ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի կառավարութիւնը Կիրակի, Յունիս 29ին վաւերացուց լիբանանեան «Հըզպալլա»ի հետ գերիներու փոխանակման թղթածրարը։ Գերիներու փոխանակման առնչութեամբ երկու տարիէ ի վեր տեղի կ՚ունենան անուղղակի բանակցութիւններ՝ գերմանացի միջնորդ Կերհարտ Քոնրատի առաջնորդութեամբ. այդ բանակցութիւններուն համաձայն կը նախատեսուի, որ այդ գործողութիւնը ընթանայ այնպիսի ձեւով մը, որ Իսրայէլ ազատ արձակէ 5 լիբանանցի արգելափակեալներ, որոնց մէջ նաեւ Սամիր Քանթարը, [...]
June 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 2008ին Թուրքիան պիտի ըլլայ Ֆրանքֆուրթի գիրքի տօնավաճառի մէջ հիւր երկիր։ Գրքի փառատօնը այս տարի պիտի կրէ «Շլացուցիչ գունեղ» կարգախօսը եւ պիտի բացուի 14 Հոկտեմբերին՝ Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուքի, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Շթայնմայէրի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլաա Կիւլի ձեռամբ։
Թրքական 1000 հոգինոց պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն 350 գրող ու թարգմանիչներ, մօտաւորապէս 100 հրատարակիչներ, [...]
June 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Միացեալ Նահանգներու մէն մի հպատակը անվիճելիօրէն իրաւունք ունի հպարտանալու, որ կ՚ապրի 21րդ դարու 8րդ տարուան կէսերուն եւ ականատես է Գերագոյն Ատեանի պատմական մէկ որոշումին, որ եկաւ յստակ մեկնաբանութիւն տալու զէնք ունենալու մասին սահմանադրական յօդուածի մը. որոշումը կ՚ըսէ, որ քաղաքացիք ինքնապաշտպանութեան համար իրաւունք ունին իրենց բնակարաններուն մէջ ատրճանակ ունենալու։
Արդարեւ, Գերագոյն Ատեանը 26 Յունիսի իր որոշումով [...]
June 30th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Հայ Ուս. «Չհարմահալ» միութեան Գրական միաւորի նախաձեռնութեամբ, Յունիս 19ին, նոյն միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մեծանուն երաժշտագէտ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 105ամեակին նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ:
Ձեռնարկը բացուցեաւ Խաչատրեանի «Մասկարադ»ի՝ Թենի եւ Թեմա Յակոբեաններու դաշնամուրային կատարումով, ապա Գրական միաւորի նախագահ Ռոպերթ Մարգարեան կարդաց իր բացման խօսքը:
Համապարփակ եւ բովանդակալից բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ երիտասարդ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայի յայտարարութիւնը, ուր առնուազն դրական տրամադրութիւն կը դրսեւորուի հայկական պետութեան ղեկավարի կողմէ Ցեղասպանութեան իսկութիւնը ապացուցելու կամ հերքելու կոչուած հայ-թրքական միացեալ յանձնախումբի մը ստեղծման մասին, արդար յուզում եւ ընդվզում յառաջացուցած է հայկական շրջանակներու մէջ։
Այս ընդվզումը կարելի չէ հանգստացնել կամ մեղադրել պարզապէս, որովհետեւ ժամանակին Հայ Դատն ուրացող, պահանջատիրութիւն բառը նոյնիսկ ծաղր ու ծանակի [...]
June 30th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայի մէջ հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին կատարած յայտարարութիւնները կը շարունակեն գրաւել այս ոլորտի գործընթացի մանրամասնութիւններուն հետեւողներուն ուշադրութիւնը։ Թէ՛ հայկական եւ թէ՛ թրքական (թէեւ նուազ տարողութեամբ) հարթութիւններու վրայ հարցը կը շարունակէ մնալ տաք կրակի վրայ։ Այս մասին չի բարձրաձայներ ատրպէյճանական լրատուադաշտը։ Թէեւ խոր համոզում գոյութիւն ունի եւ իրաւա՛մբ, որ ամէնէն շատ անհանգստացած կրնայ ըլլալ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Չորեքշաբթի, 25 Յունիսին, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Հայաստանի մէջ «Autism» հիւանդութեան դարմանումին յատուկ ուսումնարան-դարմանատան ներկայացուցիչները՝ տոքթ. Այրա Հէյլվէյլը, եւ անոր գործակիցներէն՝ Արփի Արապեանն ու Արփինէ Աւտալեան-Սարգսեանը, որոնք Ազգ. առաջնորդարան եկած էին առաջնորդին ծանօթացնելու իրենց աշխատանքին բնոյթն ու կտրած ճանապարհը։ Անոնք առաջին հերթին մանրամասնութիւններ փոխանցեցին հիւանդութեան մասին, յայտնելով, որ ան կ՚արտայայտուի վաղ մանկութեան նշմարուող [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, 24 Յունիսին, առաջնորդը Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ մշակոյթի բարեկամներ կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք շնորհաւորեցին առաջնորդին վերընտրութիւնը եւ տեղեկութիւններ տուին իրենց մշակութային աշխատանքներուն մասին։ Անոնք թատերական վեց ներկայացումներու համար Լոս Անճելըս հրաւիրած են Թիֆլիսի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը. ներկայացումները նախատեսուած են Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն, Կլէնտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի հանդիսասրահին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը մեծ ուրախութեամբ ողջունեց իր ուխտապահ շարքերուն մէջ մուտքը Յակոբ սրկ. Քորթմոսեանի, որ կուսակրօն քահանայութեան կարգ ստացաւ: Կուսակրօնութեան իր ուխտը կատարող նորընծային հետ, դպրեվանքի ուսման ընթացքը եւ քահանայից պատրաստութեան շրջանը աւարտեցին նաեւ խումբ մը սարկաւագներ, որոնք յառաջիկայ ամիսներուն զանազան թեմերու մէջ պիտի ստանան իրենց քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը:
Կիրակի, 22 [...]
June 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեան մտադիր է ընդունիլ Մարտ 1-2ի իրադարձութիւններու պատճառները ուսումնասիրող ժամանակաւոր յանձնաժողովի կազմին խորհրդակցական ձայնով միանալու հրաւէրը: Այս հրաւէրը առաջարկուած էր Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի կողմէ՝ անցած շաբաթ Հայաստանի վերաբերեալ իր ընդունած թիւ 1620 բանաձեւով:
Ինչպէս «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնեց՝ Արմէն Յարութիւնեան կը կարծէ, թէ խորհրդարանական յանձնաժողովի գործունէութեան կարգին մէջ փոփոխութիւններ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ֆորբս» հանդէսի տուեալներով՝ Հայաստանը պիզնեսի համար ամենաբարենպաստ երկիրն է ԱՊՀ տարածաշրջանին մէջ: Ուսումնասիրուած 121 պետութիւններու շարքին մէջ՝ Հայաստան գրաւած է 63րդ հորիզոնականը, սակայն ԱՊՀ միւս բոլոր երկիրները յաջորդած են անոր:
Դասակարգման համար հիմք ծառայած են Համաշխարհային դրամատան, «Թրանսփարէնսի ինթերնեշընըլ»ի, «Ֆրիտըմ Հաուս»ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու 2007ի զեկոյցները:
«Հայաստանի իշխանութիւնները վերջին տարիներին որոշ քայլեր [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Յունիս 29ին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, իրարու դէմ հանեց երեք անգամ այս տիտղոսին տիրացած Գերմանիան եւ մէկ անգամ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Սպանիան:
Սպանիա, որ 44 տարի առաջ տիրացած էր տիտղոսին, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով բարձրացուց բաժակը՝ շնորհիւ Ֆեռնանտօ Թորէզի նշանակած որբ կօլին:
Մրցումին ընթացքին սպանացիք հանդիսացան կօլ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան համահայկական Հիմնադրամ»ի տնօրէն Վահէ Աղաբեկեանց Հիմնադրամի հոգաբարձուներու ժողովէն ետք, որ տեղի ունեցած էր Մայիսի վերջին, հրաժարած էր իր պաշտօնէն։
Անցեալ շաբաթ, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Աղաբեկեանցի հրաժարականը։ Հիմնադրամը ժամանակաւորապէս պիտի ղեկավարուի փոխտնօրէն Արա Վարդանեանի կողմէ։
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Յունիս 29ին Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ զետեղած՝ անհետք կորսուած ազատամարտիկներու յուշարձանին առջեւ: Նոյն օրը, նախագահը այցելած է Մարտունիի շրջանի Սօս գիւղը եւ մասնակցած է Արցախեան պատերազմին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի բացման արարողութեան: Երկրի ղեկավարը այցելած է նաեւ Ամարասի վանքային համալիր, Ճարտարի ջրամբար եւ ծանօթացած է տարածքի բարեկարգման ուղղութեամբ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի անցնող շաբաթ մասնակեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած «Լիբանանի քրիստոնեաները եւ անոնց դիմագրաւելիք յառաջիկայ մարտահրաւէրները» նիւթով խորհրդաժողովին, որու ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ան նկատել տուաւ, որ Արեւմուտքը պատրաստ է հրկիզելու ամբողջ շրջանը՝ ծառայելու համար Իսրայէլի շահերուն, որովհետեւ Իսրայէլ իսկական, ռազմավարական ու հիմնական դաշնակիցն է Արեւմուտքին եւ Միացեալ [...]
June 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԻՆՍԻՆԷԹԻ.- Ինչպէս հաղորդած էին արդէն, Տէյվիտ Գրիգորեան թեկնածու է այս տարուան Քոնկրէսի ընտրութիւններուն: Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Օհայոյի Քոնկրէսի ընտրութեանց մէջ Գրիգորեանի մրցակիցը թուրքերու աջակցութիւնը վայելող եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող Ճին Շմիթն է: Խումբ մը թուրքեր վերջերս անոր ընտրապայքարին ի նպաստ աւելի քան 10,000 տոլարի գումար մը ապահոված են:
Տէյվիտ Գրիգորեան, որ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հաւաստի աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ հայրենի մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի մահէն տաս օր առաջ, իր եւ Յովհաննէս Շիրազի զաւկին՝ Արա Շիրազի կողմէ Յ. Շիրազի կտակը իրագործուած է։ Մեծ բանաստեղծին սիրտը թաղուած է Մասիսի լանջերուն։
Յ. Շիրազի սիրտը կը գտնուէր Արա Շիրազի մօտ։
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- Չորեքշաբթի 11 Յունիսին, Աթէնքի «Փնեւմաթիքօ Քենտրօ Գոնսթանտինուփոլիթոն» շէնքէն ներս տեղի ունեցաւ ներկայացում՝ «Յուշերու գերին» խորագիրով Յարութիւն Գամպուրեանի գիրքին, որ լոյս տեսած է հեղինակի մահէն 30 տարիներ ետք՝ «Ցուքաթու» հրատարակչատան կողմէ եւ տիկին Նելլի Վարժապետեանի ներածութեամբ: Ինչպէս յիշած էինք նախապէս, Իզմիրի աղէտին յաջորդող ողբերգական օրերուն եւ թուրքերուն կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն նկարագրութիւն մըն է տուեալ հրատարակութիւնը, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ռազմական ճանապարհով կարգաւորման հնարաւորութիւն չեմ տեսնում: Ճանապարհը խաղաղութիւնն է: Կայ կարմիր գիծ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի համար: Պէտք է գտնել այն սահմանը, որը կարող է մեզ մերձեցնել», ռուսական «Կոմերսանտ Daily»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Միաժամանակ՝ նախագահ Սարգսեան կարծիք յայտնած է, որ պէտք չէ բացառել խնդիրի՝ ռազմական ճանապարհով լուծումը, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Մոսկուայի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը վերացնելու պարագային՝ պաշտօնական Երեւանը պատրաստ կ’ըլլայ հայ-թրքական յանձնաժողով ստեղծելու, չի նշանակեր, թէ Հայաստանը կը պատրաստուի հրաժարելու ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ բերելու՝ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի քայլէն: Այդ մասին այսօր յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Զուիցերիոյ
համադաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Միշլին [...]
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- 27 Յունիսին սկսաւ Մինսկի խումբի համանախագահներու այցելութիւնը տարածաշրջան: Անոնք արդէն հանդիպում ունեցան Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը եւ լուծման հեռանկարները:
Լեռնային Ղարաբաղի ատրպեճանական համայնքի ղեկավար Նիզամի Պահմանով կոչ ուղղած է ԷԱՀկի Մինսկի խումբի համանախագահներուն՝ ճնշում բանեցնել Հայաստանի վրայ՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կարգաւորելու նպատակով:
Պահմանով [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Նորայր Յարութիւնեան լաւագոյն մաղթանքներով կը շնորհաւորէ եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի մէկ տարուան բաժանորդագրութիւն կը նուիրէ իր զաւկին՝ Զաւէն Յարութիւնեանին, Mount Sierra College-էն բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ Game Design ճիւղի շրջանաւարտ ըլլալուն եւ որպէս college-ի բարձրագոյն նիշ ստացողը Summa Cum Laude-ին արժանանալուն ուրախ առիթներով:
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոպայի խորհուրդը, որուն Թուրքիա կ՚անդամակցի 1946էն ի վեր, Հինգշաբթի, Յունիս 26ին երկար քննարկումի ենթարկեց Թուրքիոյ ներկայ կացութիւնը ու լուրջ մտահոգութիւններ յայտնեց արձանագրուած վերջին զարգացումներուն ու մանաւանդ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը փակելու համար բացուած դատի կապակցութեամբ։
Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Թուրքիոյ մասին պատրաստուած տեղեկագրին մէջ դիտել տուաւ, որ Թուրքիա ներկայիս կը գտնուի դատական համակարգի [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Յակոբ էր անունը, բայց բոլորս Թորիկ կը կոչէինք զինք՝ մականունը կրճատելով։ Կը սիրէինք Թորիկը իր սրամտութեան, ընկերական խառնուածքին, հաւատարիմ բարեկամութեան, բայց մա՛նաւանդ հոգիի բարութեան համար։ Շատ լսած էի խարբերդցիներու բարութեան մասին. Թորիկը լաւագոյն օրինակն էր ժողովրդային ճշմարտութիւնը հաստատող։
Ինք Ճեմարանը աւարտած էր արդէն, երբ ես աշակերտ դարձայ Դ, այսինքն Ը դասարանի։ Այն ատեն պատրաստական չորս [...]
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երկրորդական վարժարաններու աւարտական հանդէսներ, համալսարաններ աւարտած՝ բարձր վկայականներու տիրացած մասնագէտներու բանակ, մարզական խաղեր, մրցումներ, նաւասարդեան մթնոլորտ, ամառնային պատանեկան-երիտասարդական բանակումներ-ճամբարներ, արշաւներ՝ հեռու եւ մօտիկ, դէպի ծննդավայր թէ հայրենիք, կեանք, աշխոյժ, կենսունակ, երիտասարդ։ Իսկ կան միութիւններ, կազմակերպութիւններ, որոնք կը բողոքեն, որ երիտասարդ չկայ իրենց շուրջ, իրենց մէջ:
Ազգօգուտ, ազնիւ ու վեհ նպատակներ հետապնդող բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու ամէնօրեայ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նշան Ս. եպս. Թօփուզեանի, նախաձեռնութեամբ թեմի Թեմական խորհուրդին, համագործակցութեամբ թեմի Պատմական վանքերու ուխտագնացութեան գործադիր յանձնախումբին, տեղի պիտի ունենայ Ս. Թադէոս առաքեալի վանքի տարեկան ուխտագնացութիւնը՝ 3, 4 եւ 5 Յուլիսին:
Յուլիս 5ին Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնի պատարագը պիտի մատուցէ եւ յաւուր պատշաճի պիտի [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Չորեքշաբթի, Յունիս 25ին, քոնկրէսական Ճիմ Քոսթա վերջերս մահացած ֆրեզնոյաբնակ Ռիչըրտ Տարմանեանի ի պատիւ խօսք մը արտասանած է:
Քոսթա ներկայացուցած է 81ամեայ հասակին մահացած Տարմանեանի հակիրճ կենսագրականը, դրուատելով կրթական մարզէն ներս անոր իրագործումները, սկսելով անոր ուսցուչական տարիներէն հասնելով մինչեւ Ֆրեզնոյի միացեալ ուսումնաշրջանի բոլոր երկրորդական վարժարաններուն գործունութեան պատասխանատուութեան ստանձնումը:
Քոսթա մատնանշած է նաեւ Տարմանեանի նուիրումը հայկական հարցերուն, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքապետարանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի լիազօր ներկայացուցիչ Ռոպերթ Սանոյեանէն Յունիս 23ին ստացած է զանգուածային հրապարակային միջոցառում կազմակերպելու մասին իրազեկում:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ «Ժողովներ, հանրահաւաքներ, երթեր եւ ցոյցեր անցկացնելու մասին» Հայաստանի օրէնքի 12րդ յօդուածի առաջին մասի պահանջին համաձայն, լիազօր մարմինը իրազեկումը կը քննարկէ զայն ստանալու պահէն 72 [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Մեծ ութեակի» արտաքին գործոց նախարարները կոչ ուղղած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի՝ խաղաղ ճանապարհով կարգաւորել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
«Իտառ-տասս»ը կը հաղորդէ, որ այս կոչը ուղղուեցաւ յայտարարութեան մը ընդմէջէն, որ կատարուեցաւ Ճափոնի հնագոյն մայրաքաղաք Քիոթոյի մէջ երէկ աւարտած երկօրեայ նախարարական հանդիպումի ընթացքին՝ ժողովի նախագահ, Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Մասահիքօ Քոմուրայիի կողմէ:
Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Քանատայի, Ֆրանսայի, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքների հիմնադրման հինգ տարիների պատմութիւնը աւելի ամուր հիմքեր ստացաւ Կլէնտէյլի համայնքային համալսարանի եւ Կապանի Ճարտարագիտական համալսարանի միջեւ համագործակցութեամբ։
Արդարեւ, Կլէնտէյլի համալսարանի Հայ ուսանողների միութիւնը եւ համալսարանին Ուսանողական միութիւնը համատեղ 4620 տոլար գումար մը նուիրելով մասնակից եղան Կապանի Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ համակարգչային գրադարանի հինադրելու աշխատանքին:
Յունիսի 23ին, Կլէնտէյլ-Կապան քույր քաղաքների միութեան նախագահ Արթին Մանուկեանին [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Հինգշաբթի, Յունիս 26ի թիւով կը հաղորդէ, թէ Իզմիրի վարժարաններէն մէկուն մէջ Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը բացակայ ուսուցիչի մը տեղ դասի մտած ուսուցիչ Այսէլ Քըլըճ դասի ընթացքին վիճաբանած է Տինքի սպանութիւնը դրուատող աշակերտի մը հետ, որ ըսած է. «Լաւ որ սատկեր է»։ Ան պատասխանած է, թէ ո՛չ մէկը պէտք է սպաննուի իր [...]
June 27th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՔԼՈՎԻՍ.- Հինգշաբթի, Յունիս 26 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Տէպի Փուչիկեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրեզնոյի գաւառային հինգերորդ վերահսկիչ մարմնի անդամ ընտրուած է Փուչիկեանը, Քլովիս քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նէթըն Մակսիկի դէմ ընտրապայքարը յաջողութեամբ աւարտելով:
3200 քառակուսի մղոն շրջանի մը վրայ հսկող այդ մարմնին մէջ աթոռ մը ապահովելու ընտրապաքարը տեւած էր 14 ամիս, որու աւարտին Տէպի Փուչիկեան [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Յունիս 24ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահական դեմոկրատ թեկնածու Պարաք Օպամայի ի նպաստ դրամահաւաքի մեծ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ «Տորըթի Չէնտլըր» համալիրին մէջ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ «Հայերը Օպամայի համար» կազմակերպութիւնը:
Հաւաքը առիթ դարձաւ Օպամային ծանօթացնելու Լոս Անճելըսի մէջ ու անոր շրջակայքը հաստատուած ու գործող կէս միլիոն հայերու հարցերուն:
Իր ելոյթին ընթացքին, Օպամա շեշտեց Ուաշինկթընի [...]
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման Հինգշաբթի, Յունիս 26ին Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննեց կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները: Հանդիպումէն ետք, վարչապետ Սինիորա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութեանց առաջին օրէն իսկ կապի մէջ է նախագահ Սլէյմանի հետ՝ նշելով, որ ինք լաւատես է կառավարութեան կազմութեան գործընթացին արձանագրած յառաջդիմութեան [...]
June 27th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս Յուլիս 9ին Վրաստան պիտի այցելէ: Այս այցելութեան շուրջ վերջնական համաձայնութիւն գոյացած է Չորեքշաբթի, Յունիս 25ին Պերլինի մէջ Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշւիլիի եւ Ռայսի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին:
Այցելութեան մասին ամերիկեան աղբիւրներու հաղորդած տեղեկատուութիւնը հաստատեց նաեւ Վրաստանի նախագահի մամլոյ սպասարկութիւնը:
June 27th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Աւանդութիւն դարձած Հայ Օգնութեան Միութեան Օրը «Արարատ» տան մէջ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 3ին, առաւօտեան ժամը 11ին: Մեծ թիւով ՀՕՄուհիներ, «Արարատ» տան բնակիչներ եւ հիւրեր ներկայ եղան այս ձեռնարկին, որուն հովանաւորութիւնը ստանձնած էր ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը, մասնակցութեամբ ՀՕՄի մասնաճիւղերուն: «Արարատ» տան Տիկնանց միութիւնը, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութիւնը մեծապէս կը գնահատեն այս յատկանաշական օրը:
Ընկհ. Սոնիա Փելթէքեան, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Աստղաբաններու համաձայն, մարդոց ծննդեան թուականն ալ մեծ ազդեցութիւն ունի անոնց կեանքի շաւիղին վրայ: Այլ խօսքով, նոյն աստղի տակ սակայն տարբեր օրերու մէջ ծնած երկու անհատներու նկարագիրները իրարմէ որոշ չափով կը տարբերին:
Այսպէս օրինակի համար Յունիս 5ին ծնած մէկը, կրնայ նկարագրի տարբեր գիծեր ունենալ Յունիս 8ին ծնածէն, հակառակ անոր, որ երկուքն ալ նոյն աստղին կը պատկանին:
Հիմնուելով այս [...]
June 27th, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յունիս 27ին, հրամանագիր ստորագրած է՝ Հրանոյշ Յակոբեանին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու պետական կոմիտէի նախագահ նշանակելու մասին:
Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութեան առաջարկով՝ Ազգային Ժողովը հաստատած է կառավարութեան նոր կառոյց, ըստ որուն, յառաջիկայ Հոկտեմբերին, կառավարութեան կազմին մէջ պիտի մտնէ նոր նախարարութիւն մը՝ սփիւռքի նախարարութիւն:
Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՈՆԿՊԻՈՆ, Հիւսիսային Քորէա, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Յունիս 27ին, Հիւսիսային Քորէայի իշխանութեանց որոշումով պայթեցաւ երկրին գլխաւոր հիւլէակայանին աշտարակը, դիւանագէտներու եւ լրագրողներու առջեւ:
Այս արարքը հակազդեցութիւն մըն էր Հիւսիսային Քորէայի դէմ Միացեալ Նահանգներու կարգ մը պատժամիջոցները վերցնելու եւ երկիրը «ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնող երկիրներ»ու ցանկէն դուրս հանելու Ուաշինկթընի Հինգշաբթի օրուան որոշումին, որ իր կարգին, հետեւանք էր հիւլէական զէնքեր արտադրելու [...]
June 27th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Քրիստոնէական Եկեղեցին տակաւին նոր տօնախմբեց Հոգեգալստեան տօնը, որ մխիթարութեան ու հոգեպէս սպառազինումի սքանչելի տօն է, անտարակոյս: Սուրբ Հոգւոյ էջքին, առաքեալներու վրայ բաշխումին, զանոնք մխիթարելուն, հոգեպէս սպառազինելուն, զանազան շնորհքներով զարդարելուն մասին վստահաբար տարբեր-տարբեր առիթներով ծանօթութիւններ քաղեցիր, ըլլայ եկեղեցիներու խորաններէն մատակարարուող քարոզախօսութեանց, ըլլայ անհատական ընթերցումներուդ ճամբով:
Թերեւս ստեղծուեցան առիթներ նաեւ, աւելի փոքր խումբերով հաւաքներու, պաշտամունքային բնոյթ ունեցող [...]
June 27th, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
Երեւան, «Արմէնփրէս».- «Ցանկացած նախաձեռնութիւն, որը կը տանի բռնութեան, ճնշումների կամ ռազմական գործողութիւնների, երբեւիցէ չի ողջունուի ՆԱԹՕի կողմից», նման կարծիք յայտնած է ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի հանրային դիւանագիտութեան հարցերով օգնական, Հայաստանի մէջ ՆԱԹՕի պատուիրակութեան ղեկավար Ժան Ֆրանսուա Պիւրօ:
Անոր կարծիքով, ճիշդ համագործակցութեան պարագային՝ հնարաւոր կ’ըլլայ Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան եզրեր գտնելը: Այն հարցին, թէ ի՞նչ է [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ճէք Հաճինեան ընտրուած է Մոնթէպէլլօ քաղաքի առեւտուրի գրասենեակի ատենապետ: 30ամեայ Հաճինեան կը հանդիսանայ 96ամեայ պատմութիւն ունեցող այս մարմնին երրորդ հայ ատենապետը եւ ամենակրտեսրը:
Բնակարանային առուծախի «Քոլտուէլ պէնքըր» ընկերութեան անդամը Յուլիս 1ին պիտի ստանձնէ պաշտօնը մէկ տարուան համար:
Հաճինեան, որ 2006ին գրասենեակին վարչութեան անդամ ընտրուած էր, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Երեւանի Պետական Համալսարանի թուրքագիտական ամպիոնի դասախօս, նորաստեղծ օսմանագիտական կեդրոնի տնօրէն Լուսինէ Սահակեանին մեր առաջին հարցումը Հայաստանի մէջ թրքագիտութեան ներկայ վիճակի եւ մակարդակի մասին էր: Պետական աջակցութիւն կը վայելէ՞ այդ բաժինը, հնարաւորութիւն ունի՞ հրապուրելու փայլուն մտքով ուսանողներ, իբրեւ կեանքի ասպարէզ կրնա՞յ նկատուիլ այդ ճիւղին հետեւելու մասին մտածող երիտասարդներուն կողմէ:
Պետական աջակցութիւնը եւ շահագրգռութիւնը կայ, կը պատասխանէ Սահակեան. [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Աթէնքի արուարձաններէն Սունիոյի եւ Լաղոնիսիի մէջ, յառաջիկայ օրերուն, տեղի պիտի ունենայ Ընկերվար Միջազգայնականի խորհրդաժողովը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ընկերվար Միջազգայնականի եւ կանանց բաժանմունքի զոյգ խորհրդաժողովներուն, բազմանդամ պատուիրակութիւններով:
Երկուշաբթի, 30 Յունիսին, բացումը պիտի կատարուի Ընկերվար Միջազգայնականի 23րդ խորհրդաժողովին, ուր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը մասնակցի 9անդամ պատուիրակութեամբ՝ գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ընկերներ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կլէնտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղը որ հիմնուել է 1978 թուականին, այսօր իր աւելի քան 2400 անդամներով թեւակոխում է հիմնադրութեան իր 30-ամեակը:
Երեք տասնամեակների ընթացքում մասնաճիւղի անդամները յաղթահարելով դժուարութիւնները ի զօրու են եղել փոքր կենտրոնը վերածել մեծ կենտրոնի եւ ապա 2007 թուին իրականացնել 2րդ կենտրոնը: Բնական է, որ այս յաջողութիւնները իրականացուել են մի շարք նուիրեալ անդամների միջոցով, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, 7 Յունիսին, Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ տօնախմբուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Տիէկոյի «Սեւան» Մասնաճիւղի 25ամեակը՝ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մասնակիցներուն մօտ:
Ձեռնարկի բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Էմիլ Մաղաքեան, որ առաջին հերթին հրաւիրեց Տաթեւ Ա. քհնյ. Թաթուլեանը օրհնելու սեղանները, որուն յաջորդեց ընթրիքը, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Յունիս 20ին, մօտաւորապէս հարիւր երիտասարդներ ներկայ էին Լա Քրեսենթայի Հայ Կեդրոնը, ներկայ ըլլալու շրջանի Հ.Ե.Դ. «Զարթօնք»ին կազմակերպած բանաստեղծական ու երաժշտական ազատ ելոյթներու երեկոյին, որ «Միտքդ արտայայտէ» խորագրուած էր:
Ձեռնարկը սկսած է հաճելի աւանդութեան մը վերածուիլ քաղաքին հետզհետէ ուռճացող հայկական համայնքին համար: Նորագոյն հաւաքին ելոյթներ ունեցան մօտաւորապէս երկվեցեակ մը արուեստագէտներ, ներկայացնելով բանաստեղծութիւններ, երաժշտութիւն [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Դպրոցներ սկսած են արդէն եզրափակել 2007-2008 Ուսումնական տարեշրջանը:
Յունիսը ամավերջ է: Բազմահազար աշակերտներ կ’աւարտեն զանազան հանգրուաններ՝ նախակրթարան, միջնակարգ, երկրորդական, եւայլն: Չենք խօսիր թանկարժէք այն միւս հատուածի մասին, որ կը պատկանի բարձրագոյն ուսմանց՝ համալսարանին իր բազմաճիւղ մասնագիտութիւններով:
Ամէնուրեք լուռ եւ երբեմն ալ աղմկալից ուրախութիւն է, որովհետեւ առկայ է յոյսը, դրական ակնկալութիւնները կապուած եւ ներկային, եւ անմիջական [...]
June 27th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Ինքնավստահ երախայ մը կ’ուզէք դաստիարակել: Ահաւասիկ սկսելու համար:
1- Անվերապահ սէր ու յարգանք ցուցաբերեցէք:
2- Ամբողջական նուիրում: Խաղի, խօսակցութեան կամ որեւէ այլ գործի պարագային փորձեցէք ձեր զաւկին հետ ըլլալ ամբողջութեամբ, եւ այդ ժամը իրեն նուիրել:
3- Երախադ ընդունէ՛ ինչպէս որ է, եւ հպարտացի՛ր իրմով: Կ’ուզես դրուատել զաւակիդ դրական կեցուածքները, բայց ուշադիր եղիր թէ ինչպէ՛ս իրեն պիտի հաղորդես այդ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԸՐՎԱՅՆ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն (UCI) քաղաքական գիտութեանց ճիւղէն պսակաւոր արուեստից վկայականը (պատուոյ յիշատակութեամբ) ստացած Իվէթ Շիրինեան ստացած է 2008-2009 տարեշրջանի վաստակաւոր «Քոթօ» հիմնարկի կրթա-նպաստը: Շիրինեան, որու երկրորդական մասնագիտութիւնն է տագնապներու լուծում, իր ուսման մէկ մասը կատարած է Լոնտոնի «Ֆէրթրյտ» հիմնարկին մէջ: Ան նաեւ վարժողական ծրագրի մը համար աշխատած է ծերակուտական Տայան Ֆայնսթայնի գրասենեակին մէջ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը զգուշացուց Միացեալ Նահանգները, թէ «ողբերգութիւն» պիտի դիմագրաւէ, եթէ Իրանի վրայ յարձակում գործէ։
Պահակագունդի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Մուհամմատ Հեճազի իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «ամերիկացի պաշտօնատարներուն կը խրատենք շատ զգոյշ ըլլալ մէկ այլ ողբերգութենէ։ Մեր վերջին խօսքը այն է, որ եթէ Իրանի ուղղութեամբ շարժիք, անպայման ձեր հետ անթացուպեր եւ արուեստական ոտքեր [...]
June 27th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- «Կայուն ժողովրդավարական զարգացումը ապահովւում է միայն այն ժամանակ, երբ իր արժէքային համակարգի հաշուառումով երկիրն ինքն է որոշում իր ուղեգիծը, այլ ոչ թէ եւրոպական կառոյցների առջեւ ստանձնած միջազգային-իրաւական պարտաւորութիւնների չկատարման արդարացման համար պատրուակներ է փնտռում: Ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ մարդու իրաւունքների յարգումը կարող են ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման երաշխիքներ դառնալ», յայտնած է ԼՂՀ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Իսլամական խորհրդարանի իրանահայ համայնքի երկու պատգամաւորները ընտրուած են՝ իբրեւ երկու մասնագիտական յանձնաժողովներու անդամներ: Իսլ. խորհրդարանի 8րդ նստաշրջանի տարբեր յանձնաժողովները արդէն ձեւաւորուած ու կազմուած են:
Անցեալ նստաշրջանին նման, այս անգամ եւս Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր ճարտարագէտ Գէորգ Վարդանեան ընտրուած է Հանքերու ու արդիւնաբերութեան յանձնաժողովի անդամ, իսկ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բէգլարեան՝ խորհրդարանի [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Պիւրաք Օզիւրկերկի յայտնած է, որ իր երկրի նախագահը պիտի քննէ Հայաստանի նախագահի հրաւէրը՝ Երեւան, երբ ստանայ նման հրաւէր:
«Սերժ Սարգսեանի Մոսկուա կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին հրապարակուած յայտարարութիւնը, ըստ որուն ան կը մտադրէ Հայաստան հրաւիրել Ապտուլահ Կիւլը՝ դիտելու Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի խաղը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 6ին, տեղադրուած է Հայաստանի [...]
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի Թուրքիոյ մէջ գտնուող 76 քլմ. հատուածին կառուցումը պիտի սկսի Յուլիսին։ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան պաշտօնեաներ ըսին, թէ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի նախագահները պիտի կատարեն այդ հատուածին հիմնարկէքը։
Թուրքիա 380 միլիոն լիրա տրամադրած է այս աշխատանքին, որ պիտի վերականգնէ պատմական «Մետաքսէ ճամբան»։ Երկաթուղին, որ կը բաղկանայ 3 մասերէ, պիտի կապէ Թուրքիան Ատրպէյճանին եւ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Յունիս 20ին տեղի ունեցաւ տոքթ. Արամ Յակոբեանի դարմանատան՝ «Total Wellness Center for the Healing Arts»ի բացման արարողութիւնը:
Աւանդական չինական եւ հայկական բուժման միջոցներու որդեգրումին հաւատացող բժիշիկին նպատակն է կամուրջ մը հանդիսանալ տարբեր ժամանակներու եւ աշխարհագրական վայրերու մէջ իրագործուած վերոյիշեալ բժշկական միջոցներուն եւ Արեւելեքի ու Արեւմուտքի բժշկութեանց միջեւ:
Բացման արարողութեան ներկայ էին տասնեակներով բարեկամներ, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«Սերմանողն է. յաղթահասակ կը կանգնի
մայրամուտի շողերուն մէջ ոսկեթոյր…»
Դանիէլ Վարուժան
Սեղանիս վրայ, Վարուժանի «ափ մը հող»ին փոխարէն, ունիմ ափի մը չափ նոր հասած խտասալիկ մը։ Ան, թէեւ օտար երկնքի տակ ծնունդ առած՝ կը պարունակէ անծայրածիր, պայծառ երկինք մը՝ հայկականը, այսինքն, հայ հաւատքէն, հողէն, հոգիէն քամուած, խտացած եւ բիւրեղացած 12 զմրուխտ երգեր։ Այս երգերուն ետին «յաղթահասակ» կանգնողը, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ռուսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով զգայացունց տպաւորութիւն կը ձգէ։ Հայաստանի նախագահը կ՚ուզէ նոր խթան հաղորդել հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եւ ամենայն հաւանականութեամբ մտադիր է յառաջիկայ Սեպտեմբերին Հայաստան հրաւիրել Թուրքիոյ նախագահը՝ միասին դիտելու համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականներու խաղը։ Ան նաեւ համաձայն կ՚ըլլայ հայ եւ թուրք պատմագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ ստեղծելու Թուրքիոյ [...]
June 27th, 2008
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ազգային Բարերարներ Մարտիկ եւ Ատրինէ Ճորճէզեան 1,2 Միլիոն Իշխանական Նուիրատուութիւն Մը Կատարեցին Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամենօրեայ վարժարանին: Ճորճէզեանները Վանքուվըր կը բանկին: Նուիրատուութեան մասին յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Անցեալ Երկուշաբթի, վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսի ընթացքին: Նկարին մէջ՝ բարերար զոյգը:
June 27th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Եւ ինչու՞ չցնծայ Սան Ֆրանսիսքոն, քանի որ վերջին յիսնամեակին մենաշնորհը ունի աշխարհի միասեռականներու մայրաքաղաքը կոչուելու, Gay Capital. Մայիս 15, 2008ին Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանը, չենք գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ, ինչ նկատառումներով վաւերացուց միասեռականներուն ամուսնանալու արտօնութիւն տուող օրէնքը, որ Յունիս 17, 2008ին ի զօրու դարձաւ ամբողջ Քալիֆորնիոյ տարածքին:
Երբ այս մասին կը խօսէինք գորգավաճառ բարեկամիս հետ ըսաւ. «Երբեք [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիան մտադիր է ամրապնդել իր ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ, այդ ուղղութեամբ կը ծրագրուի դեսպանական գրասենեակ ստեղծել Հայաստանի մէջ՝ իբրեւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առաջին քայլ: Այս մասին նշեց երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Զուիցերիոյ արտաքին գործոց դաշնային նախարարութեան ղեկավար Միշլին Քալմի-ռէյն՝ երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպման յաջորդած ասուլիսի ընթացքին:
«Զուիցերիան մշտապէս աջակցած [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Տարեվերջ է: Ուսումնական հաստատութիւնները ամփոփում են աշխատանքները, ներկայացնում շրջանաւարտներին, տալիս են իրենց հունձքը օտար եւ հայկական շրջանակներում: Երբ լինում ես ամերիկեան կրթօճախում՝ մանկապարտէզ, դպրոց կամ համալսարան, նայում ես անուանացանկին եւ հաշւում՝ քանի՞ հայ կայ. շատանում են: Իսկ հայկական դպրոցը, որի նահանջով է ուռճանում առաջինը, մոգական մի ուժով դեռ պատնէշի վրայ է եւ կարողանում է գոյատեւել:
[...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ղարաբաղ Օփըն».- Ղարաբաղի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան երէկ ընդունեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ներկայացուցիչները, որոնք կը համակարգեն «Թրփանջեան» հիմնադրամի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող շարք մը ծրագիրներ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Ստեփանակերտի թիւ 11 դպրոցի վերակառուցման խնդիրին. նշուեցաւ, որ կրթօճախի հիմնանորոգումը կ’ընթանայ բնականոն հունով եւ պիտի [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- 14 Յունիսին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակութային համայնապատկեր» դասախօսական երեկոներու շարքին իններորդը: Օրուան դասախօսներն էին՝ Եգիպտոսի արդի եւ ժամանակակից պատմութիւնը հետազօտողներ Քամալ Քամալ եւ Մաճետ Էզզաթ:
Առաջին դասախօսը ներկայացուց «Հայերը Եգիպտոսի մէջ օսմանեան շրջանին» նիւթը: Ան անդրադարձաւ օսմանեան դարաշրջանը նախորդող Ֆաթիմեան, Էյուպեան եւ Մեմլուքեան դարաշրջաններուն՝ հայոց ռազմական, [...]
June 27th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Հայաստանի գրողների միութեան անդամ, մի քանի բանաստեղծական գրքերի հեղինակ: Ներկայումս բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի հետ ղեկավարում է նաեւ «Ցոլքեր մանկապատանեկան» խումբը եւ «Ցոլքեր» ամսագիրը, որոնց հիմնադիր անդամներից է նաեւ Սօնա Վանը՝ իր «Ոսկէ իշխան» ամէնամեայ միայանկակաբաշխութեամբ:
Հ.Յ.- Սիրելի Սօնա, երբ դու Երեւանում ես, իւրայատուկ տօն է բոլորիս համար: Քեզ յաճախ կարելի է տեսնել էքրանների [...]
June 27th, 2008
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Անցեալ շաբաթ երկու կարեւոր ունկնդրութիւններու ընթացքին Քոնկրեսի անդամները սուր կերպով քննադատեցին Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ Պուշի վարչակազմի ամօթալի փախուստ տալը։
Առաջին ունկնդրութիւնը տեղի ունեցաւ 18 Յունիսին, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ, եւ «Կովկաս-սառեցուած տագնապներ եւ փակ սահմաններ»ու մասին էր, իսկ երկրորդը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդ օրը, ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ քննարկեց Հայաստանի մէջ [...]
June 26th, 2008
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
Նկարներով եւ յստակ ստորաբաժանումներով, այս կայքէջը կը միտի ծառայել Հայ Դատին եւ ըլլալ պայքարի եւ համախմբումի կայքէջ, որուն վրայ տեղ պիտի գտնեն կուսակցութեան ծրագրուած նախաձեռնութիւնները, ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելքի, հարաւային Ամերիկայի, Չաւախքի, Արցախի ու Հայաստանի մէջ։
Ասիկա յանձնառու ու մեր պայքարին թիկունք կանգնող կայքէջ մըն է, որ կը միտի զօրաշարժի ենթարկել [...]
June 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 5րդ միջազգային փառատօնին յոբելենական բազմաթիւ ծրագիրներ պիտի ներկայացուին: Ծրագիրներէն մէկը պիտի նուիրուի սիրուած գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի 100ամեակին:
Սինեփառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Սուսաննա Յարութիւնեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ «Ոսկէ ծիրան»ը իր հանդիսատեսին հնարաւորութիւն պիտի տայ առաջին անգամ դիտելու 1940ականներուն Հոլիվուտի կողմէ Ու. Սարոյեանի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ նկարահանուած 3 շարժապատկերներ, [...]
June 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքապետարանը մերժած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմնակիցներու՝ Յուլիս չորսին Ազատութեան հրապարակի կամ Մատենադարանին յարակից տարածքի վրայ հանրահաւաք կատարելու դիմումը: «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս մասին կը տեղեկագրէ յայտնելով, որ ըստ Երեւանի քաղաքապետի լիազօր ներկայացուցիչ Գագիկ Բաղդասարեանին, երէկ առաւօտեան քննարկումներու ժամանակ Տէր Պետրոսեանի ներկայացուցիչին առաջարկուած է հանրահաւաքը կազմակերպել Հանրապետական կամ «Հրազդան» մարզադաշտերուն յարող տարածքին վրայ: Գ. [...]
June 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները տարածաշրջան իրենց այցելութեան ընթացքին մտադիր են այցելել նաեւ Ստեփանակերտ: Այդ մասին ատրպեճանական «APA» լրատուական գործակալութեան յայտնած է ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէն: Ֆասիէն Չորեքշաբթի օր ժամանած է Պաքու, իսկ ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով եւ ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզըն Ատրպէյճանի մայրաքաղաք ժամանած են երէկ: Ուրբաթ օր կը նախատեսւուի միջնորդներու [...]
June 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 25ին Իսրայէլ դարձեալ փակեց նոր բացուած Կազայի անցքերը, հակադարձելով պաղեստինցիներուն կողմէ կատարուած հրթիռարձակումներուն:
«Համաս»ի եւ Իսրայէի միջեւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարը աւելի եւս վտանգուեցաւ Հինգշաբթի օր, երբ Կազայէն արձակուած քանի մը հրթիռներ դարձեալ հարուածեցին Իսրայէլը, առանց մարդկային զոհեր պատճառելու:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Փիթըր Լերներ յայտնեց, որ «զինադուլի բացայայտ խախտումով հրթիռարձակումներէն ետք [...]
June 26th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ երէկ ստորագրուեցաւ դրամաշնորհի համաձայնագիր մը, ըստ որուն Ճափոնի կառավարութիւնը պիտի օժանդակէ, որ երաժշտանոցը կարենայ գնել 18 «Ռոյալ» մակնիշի դաշնամուրներ:
Երաժշտանոցի տնօրէն Սերկէյ Սարաճեան իր ուրախութիւնը յայտնած է դրամաշնորհի յատկացման կապակցութեամբ: Ըստ Սարաճեանի, Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը արդէն 19 տարի երաժշտական նոր գործիք չէ ստացած, իսկ նոր «Ռոյալ»ները մեծ [...]
June 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը՝ «Ա1 » հեռուստաընկերութեան առումով՝ բաւական գոհացուցիչ է, որովհետեւ հնարաւոր պիտի ըլլայ, յետայսու, մրցոյթներու մասնակցիլն ու եթեր դուրս գալը: Նման կարծիք յայտնեց հեռուստաընկերութեան ղեկավար Մեսրոպ Մովսէսեանը, ըստ որուն, անհիմն է Հայաստանի երթեւկութեան եւ կապի նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ ազատ յաճախականութիւնները պետական նշանակութիւն ունին, եւ որեւէ հեռուստաընկերութեան համար կապուղի տրամադրելը՝ կը [...]
June 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Յունիս 24ին, մեծ թիւով Կլէնէտէյլի բնակիչներ ու քաղաքին մէջ գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ ներկայ էին Կլէնտէյլի միացեալ ուսումնաշրջանի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողջերթի հաւաքին, որ կազմակերպուած էր ի պատիւ Ալիս Պետրոսեանին: Տիկին Պետրոսեան Կլէնտէյլի միացեալ ուսումնաշրջանի վերահսկիչին օգնականի պաշտօնէն հեռանալով պիտի ըլլայ Փասատինայի ուսումնաշրջանի կրթական հարցերու գլխաւոր [...]
June 26th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան նիստ, զոր վարած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Մինչ օրակարգի հարցերուն անցնիլը, վարչապետը անդրադարձած է քաղաքացիներուն մատուցուող ծառայութիւններուն որակ ապահովելու խնդիրին: Ան լայնօրէն անդրադարձած է կաշառակերութեան ցաւոտ խնդիրին եւ զայն կոչած է երկրի մէջ զարգացումը խանգարող թիւ մէկ թշնամին:
Շեշտելէ ետք կարեւորութիւնը, որ կառավարութեան կողմէ մատուցուող ծառայութիւնները պէտք [...]
June 26th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հաճելի էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի բերնէն լսել հայրենիքի նկատմամբ սփիւռքահայութեան վստահութիւնը ամրապնդող խօսքեր՝ Մոսկուա իր կատարած այցելութեան ընթացքին:
Միաժամանակ սակայն, շատերու նման մենք եւս անակնկալի եկանք, երբ անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի նախագահը համամտութիւն յայտնեց 1915ի ցեղասպանութեան («պատմական փաստերի») կապակցութեամբ պատմաբաններու յանձնախումբ կազմելու թրքական առաջարկին: Անակնկալի եկանք՝ յար եւ նման այն բերդապահներուն, որոնցմէ շատեր այս [...]
June 26th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխ-վարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի գլխաւորութեամբ՝ կայացաւ «թրաֆիքինկ»ի հարցերու խորհուրդի անդրանիկ նիստը։ Ըստ տարածքային կառավարման նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնին, նիստի սկիզբը ներկայացուած են այն աշխատանքները, որոնք կատարուեցան 2008ի ընթացքին՝ «թրաֆիքինկ»ի դէմ պայքարի ուղղութեամբ, տարբեր գերատեսչութիւններու կողմէ: Քննարկուած է նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան մարդկային «թրաֆիքինկ»ի վերաբերեալ՝ ամենամեայ զեկոյցի մէջ Հայաստանի վերաբերող [...]
June 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի մէջ նախորդ գիշեր, կեանքէն հեռացած է 61ամեայ բանաստեղծ, հրապարակախօս, գրող Իգնատ Մամեանը:
Իգնատ Հմայեակի Մամեան ծնած է 1947, Օգոստոս 22ին, Նոյեմբերեան աւանի մէջ (այժմ՝ ՀՀ Տաւուշի մարզ)։ Աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Աշխատած է «Գրական թերթ»ի մէջ, հիմնած է «Առաւօտ», «Ձայն օրինաց», «Եզերք» թերթերը։ Եղած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան «Սեւան»ի ստեղծագործական [...]
June 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա կ՚ուզէ Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները կառավարող եւ մանրամասնութեամբ չբեռնաւորուած «լուրջ» ուխտի մը վերաբերեալ բանակցիլ։
Սիպերիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ այսօր երեկոյեան նախատեսուած կարեւոր վեհաժողովի մը նախօրեակին Մետվետեւ ըսաւ, թէ Ռուսիա ինքզինք կը նկատէ «եւրոպական կարեւոր պետութիւն [...]
June 26th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի կառավարութեան ընդդիմադիր «Հըզպալլա» կուսակցութեան գլխաւորած «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մուհամատ Ռաատ Չորեքշաբթի, Յունիս 25ին նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննուեցաւ երկրին մէջ տիրող քաղաքական ներկայ իրավիճակը։
Պլոքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն հիման վրայ նկատել տուաւ, որ համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումը Լիբանանի ներքին կայունութեան չեն ծառայեր, ընդհակառակն՝ այդ գրգռութիւնները [...]
June 26th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՎԻԵՆՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունիս 26ին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու ախոյեանութեան կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, իրարու դէմ հանելով Սպանիան եւ Ռուսիան, որոնք մրցաշարքին առաջին հանգրուանին առիթով մը դարձեալ ճակատած էին իրարու դէմ: Այդ ճակատումը աւարտած էր Սպանիոյ 4-1 յաղթանակով:
Հինգշաբթի օրուան մրցումը աւարտեցաւ Սպանիոյ 3-0 յաղթանակով:
Ուրեմն, Կիրակի օր կայանալիք աւարտական մրցումին իրարու դէմ պիտի [...]
June 26th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »