Home » July 31st, 2008Entries posted on “July, 2008”
Անցեալ Հոկտեմբերին, երբ ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան որոշումը 27-21 քուէներով վաւերացուց, հայերը բնականաբար հրճուեցան։ Անոնք պարտութեան մատնած էին Պուշի վարչակազմի, թրքական կառավարութեան եւ անոր բարձր վարձատրութիւն ստացող լոպիիստները։
Մինչ ամերիկահայերը պէտք է գովել այս կարեւոր ձեռքբերման համար, անոնք կը թուին նշմարած չըլլալ, թէ Քոնկրէսի 21 անդամներ Անգարայի մէջ մերժողական վարչակարգին կողմնակցած են՝ Հայոց [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- Չորեքշաբթի, 23 Յուլիսին, Ատտիկէի Վարի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Յունաստանի «Էվելփիտոն» զինուորական ակադեմիայի սպաներու երդման արարողութիւնը: Ներկայ գտնուեցան Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս, Զինուորական ուժերու բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը, քաղաքական ներկայացուցիչներ, զինուորականներ, վեթերաններ եւ հրաւիրեալներ, որոնց կարգին նաեւ Յունաստանի հայ համայնքի եւ «Ազատ Օր» խմբագրութեան ներկայացուցիչները:
Հայորդի հինգ սպաներ՝ Վահան Եզեկեան, Վաղարշակ Ղազարեան, Յարութիւն Գասպարեան, Նարեկ [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Մոսկուայի մէջ կայացած դպրոցականներու միջազգային 7րդ Ողիմպիատին մասնակցած Հայաստանի խմբակի անդամներուն հետ, որոնք փայլուն արդիւնքներ ցուցաբերելով՝ արժանացած են ամէնէն աւելի մրցանակներու:
Նախագահը շնորհաւորելով մասնակիցները՝ յայտնած է. «Ցանկանում եմ, որ դուք սա համարէք նոր ձեռքբերումների սկիզբ, բազմապատկէք ձեր գիտելիքները եւ նուաճէք նոր բարձունքներ: Այս յաղթանակը կարեւոր է [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու յանձնակատար Հաւիէ Սոլանա Հինգշաբթի, Յուլիս 31ին ողջունեց Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը չփակելու Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանի Չորեքշաբթի օրուան որոշումը, յոյս յայտնելով, որ այդ դատավճիռը կը նպաստէ Թուրքիոյ քաղաքական կայունութեան վերականգնման:
Սահմանադրական ատեանը երեք օրերու քննարկումէն ետք Չորեքշաբթի օր որոշած էր միայն կրճատել կուսակցութեան տրամադրուող [...]
July 31st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Նախաձեռնութեամբ Իրանի Ուսումնական եւ դաստիարակչութեան նախարարութեան եւ Թեհրանի հիմնարկին՝ «Իմ աչքերը…» թեմայով նկարչութեան մրցոյթ տեղի ունեցաւ քաղաքի դպրոցներուն միջեւ: Մրցոյթին աւելի քան 20,000 մասնակցողներէն ընտրուած են 100 աշակերտուհիներ, որոնց մէջ կային երկու հայուհիներ՝ Թեհրանի հայոց Արաքս դպրոցի հինգերորդ դասարանի աշակերտուհիներ Ալենուշ Իսաղուլեան ու Քարին Վարդերեսեան, որոնց նկարչութիւնները գնահատանքի արժանացան:
Այս առթիւ Չորեքշաբթի, Յուլիս 23ին, [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ երթեւեկութեան ոլորտի բարեփոխումները ակնառու են: Երէկ Հայաստանի կառավարութեան նիստին յաջորդած ասուլիսի ընթացքին նման յայտարարութիւն ունեցաւ ոստիկանութեան պետ Ալիկ Սարգսեանը՝ նշելով, որ մարդիկ զարմանք եւ թերահաւատութիւն յայտնած են իրականացուող բարեփոխումներու արդիւնքներուն վերաբերեալ, մինչդեռ ոստիկանութեան տեսադաշտ յայտնուած են պատգամաւորներ, յայտնի գործարարներ. «Հիմա ուրախ եմ, որ բոլորը եկել են այն գիտակցութեան, որ օրէնքը խախտել [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼԱ ՀԷՅ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յուլիս 31ին, Պոսնիոյ սերպերու նախկին ղեկավար Ռատովան Քարածիչ առաջին անգամ ըլլալով Լա Հէյ գտնուող ՄԱԿի պատերազմական ոճիրներու ատեանին ներկայացաւ, պնդելով, թէ ինքզինք պիտի ներկայացնէ դատավարութեան ընթացքին:
Ան մերժեց ամբաստանութեանց դէմ իր կեցուածքը ճշդել, յայտնելով, թէ այդ հաստատումը պիտի կատարէ ամբաստանագիրը ամբողջութեամբ կարդալէ ետք:
Դատաւորը որոշեց յաջորդ նիստը գումարել Օգոստոս 29ին:
63ամեայ [...]
July 31st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Լիզպոնի տղոց յիշատակին հոգեհանգիստ պիտի ըլլար Կիրակի օրը: Չէի կրնար բացակայիլ: Սակայն կար հրաւէր՝ մասնակցելու ՀՅԴ Երիտասարդական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած սեմինարատիպ հանդիպման մը, որ պիտի սկսէր կէսօրէ առաջ, ժամը 11ին:
Երկուքին ալ կրնամ հասնիլ, մտածեցի, ու գացի Մոնթեպէլլոյի Հայ Կեդրոն, երիտասարդականի հանդիպումին:
Տարեկից երէցներու խումբով հրաւիրուած էինք մաս կազմելու դատակազմի մը, որ պիտի արժեւորէր Հայ [...]
July 31st, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Յստակ փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան Սունդուկեանի անուան թատրոնէն ներս. վերջերս գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնէն հեռացուած Վահէ Շահվերդեանի աթոռը տակաւին թափուր կը մնայ:
Անոր աշխատանքէ հեռացումին մասին, լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին թատրոնի դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեան արտայայտուեցաւ, ըսելով՝ «Եթէ ոմանք կարծում են, որ Վահէ Շահվերդեանի հեռացումով թատրոնի վիճակը կը բարելաւուի, չարաչար սխալւում են: Վահէն վաստակ ունեցող մարդ է: Ես [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութիւնը Հինգշաբթի օրուան հերթական շաբաթական նիստի ընթացքին իր պահուստային հիմնադրամէն յատկացումներ կատարած է բնակուած շէնքերու եւ դպրոցներու վերանորոգութեան նպատակով:
Կառավարութիւնը նաեւ հաստատած է Հայաստանի քաղաքացիներու անձնագիրներու վերանորոգման կարգը բարեփոխութեան ենթարկող նախագիծ մը, որ շատ պիտի դիւրացնէ անձնագիրներու վերանորոգումը եւ պիտի լուծէ քաղաքացիներու արտասահման ճամբորդելու հետ կապուած շարք մը խնդիրներ:
Դպրոցներու վերանորոգման կապակցութեամբ, [...]
July 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Մարմարա»էն ստացած ենք հետեւեալ տեղեկատուութիւնը.
«Հայաստանի Ազգ օրաթերթը, հիմնուելով Պէյրութէն ստացուած հաղորդագրութեան մը վրայ՝ կը տեղեկացնէ, թէ կրթական նոր տագնապ մը ծագած է ՀԲԸՄի Պէյրութի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանին շուրջ. հաւաքաբար հրաժարական ներկայացուցած են ՀԲԸՄի Լիբանանի Կրթական յանձնաժողովը, խնդրոյ առարկայ դպրոցի ծնողական յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ պաշտօնազրկուած է դպրոցի տնօրէնը։
Տագնապը ստեղծուած է այն պահէն, երբ ՀԲԸՄի [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ միջնորդութեամբ տեղի ունեցող Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան անուղղակի բանակցութիւններուն չորրորդ հանգրուանը աւարտեցաւ Չորեքշաբթի, Յուլիս 30ին, առանց յատկանշական յառաջդիմութիւն ապահովելու:
Դիւանագիտական շրջանակները կը յուսային, որ յաջորդ հանգրուանին կողմերը կրնան ուղղակի բանակցութեանց սկսիլ, սակայն բանակցութեանց մօտիկ աղբիւր մը յայտնեց, թէ կողմերը որոշած են անուղղակի խօսակցութիւնները շարունակել Օգոստոսի կիսուն:
Անուղղակի յարաբերութիւնները սկսած էին Մայիսին:
[...]
July 31st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, երէկ ընդունած է Յուլիս 28էն ի վեր, աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող ամերիկեան ռազմաքաղաքացիական յարաբերութիւններու կեդրոնի, ինչպէս նաեւ օժանդակող երկիրներու՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Պուլկարիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու փորձագէտներու խումբը:
Հանդիպման սկիզբը, նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է փորձագիտական խումբին՝ սեմինարի ընթացքին ներկայացուած արժէքաւոր եւ սպառիչ խորհրդատուութեան համար, որ առաւել արդիւնաւէտ կերպով կ’օգտագործուի [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-հրէական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու զարգացման գծով ներդրած իր աւանդին համար, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով՝ Հայաստանի հրէական համայնք հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ռիմա Վարժապետեանը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի վարչապետի շքանշանով:
Տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, երէկ վարչապետը պարգեւը յանձնեց Ռ. Վարժապետեանին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այն հասարակական աշխոյժ գործունէութեան համար, որ ան ծաւալած է Հայաստանի մէջ [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԸՐՊԷՆՔ.- Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, առաջնորդարանի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճին մէջ, Երեքշաբթի, Յուլիս 29ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի մօտ ՄԱԿի մշտական համակարգող եւ ՄԱԿի Զարգացման ծրագրի մշտական ներկայացուցիչ Քոնսուէլօ Վիտալի մամլոյ ասուլիսը:
Վիտալ եւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի նախկին գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրթեան, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ կը ծառայէ իբրեւ [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայ իրաւաբաններու միութիւնը (Armenian Bar Association) կը տեղեկանցէ, թէ ընտրուած է 2008-2009 տարեշրջանի վարչութիւնը, որու ատենապետը պիտի ըլլայ Սոնիա Ներսէսեան (Ուէսթըն, Մեսէչուսեց): Փոխ-ատենապետ ընտրուած է Էտւին Մինասեան (Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա), գանձապահ՝ Սառա Պետիրեան (Պէվըրլի Հիլս, Քալիֆորնիա) եւ քարտուղար՝ Քրիսթին Էնկուսթեան (Իսթ Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտ):
Վարչութեան անդամ ընտրուած են նաեւ Ֆրէնք Ծերունեան (Ռոլինկ Հիլզ, Քալիֆորնիա), Արմէն Յովհաննիսեան [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լոյոլա» իրաւաբանական համալսարանի Արդարադատութեան եւ ցեղասպանութեան ուսմանց կեդրոնը վերջերս 350,000 տոլար նուիրատուութիւն մը ստացաւ ՀԲԸՄէն:
Այդ գումարը կը տրամադրուի ապահովագրութեան ամերիկեան «Նիւ Եորք լայֆ» եւ ֆրանսական «Աքսա» ընկերութեանց կողմէ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդիներուն գնած ապահովագրութեանց փոխարէն կատարուած վնասուց հատուցումի այն գումարէն, որ բաժին ինկած էր ՀԲԸՄին:
Այս դատին իրաւաբանները Մարք Կիրակոս, Պրայըն [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրան-Հայաստան կազատարի կառուցման աշխատանքները կ’ընթանան ըստ ժամանակացոյցի: Այդպէս յայտնեց երէկ Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը լրագրողներուն հետ իր հանդիմպան ընթացքին, աւելցնելով, որ ամէն ջանք կը թափուի՝ կազատարի շինարարութիւնը այս տարեվերջի աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ 2008ի Փետրուարին, «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան կողմէ սկիզբ առին Իրան-Հայաստան կազամուղի՝ Քաջարան-Արարատ հատուածի շինարարական աշխատանքները, որոնք ընդհատուեցան [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, ԼՕԶԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը Չորեքշաբթի, Յուլիս 30ին ողջունեցին Միջազգային ողմիպիական յանձնախումբին այն որոշումը, որ փոփոխութեան կ’ենթարկէր Իրաքի մասնակցութիւնը արգիլող նախկին որոշումը:
Արդարեւ, Միջազգային ողիմպիական յանձնախումբը որոշած էր Իրաքի մասնկցութիւնը արգիլել, որովհետեւ կառավարութիւնը միջամուխ եղած էր Իրաքի ողիմպիական յանձնախումբին հարցերուն:
Ոորշումը վերատեսութեան ենթարկուեցաւ, երբ Երեքշաբթի օր Իրաքի ու Միջազգային ողմիպիական յանձնախումբին միջեւ տեղի [...]
July 31st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ Պաքուի մէջ հանդիպած է Եւրոմիութեան հարաւային Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպիի հետ:
Ռուսական «Իթար-Թասս» լրատուական գործակալութեան համաձայն, խօսելով իր եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի միջեւ այսօր Մոսկուայի մէջ կայանալիք հանդիպումին մասին, Մամետեարով յայտնած է, թէ «Հայաստանի նոր իշխանութեան համար օգտակար կը լինէր կառուցողական դիրքորոշման դրսեւորումը»:
[...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի գործող նախագահի յատուկ պատուիրակ Հէյքի Տալվիտիէն Ատրպէյճան իր այցելութեան նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, թէ «ԵԱՀԿն յոյսով է, որ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբերին Ատրպէյճանում կայանալիք նախագահական ընտրութիւններից յետոյ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւնները կ’աշխուժանան»:
Ան նաեւ նշած է նախագահական ընտրութիւններու նախաշեմին, երկու պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուցած է, [...]
July 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Ուրբաթ ակումբին մէջ, լրագրողներու հետ երէկուան հանդիպումին, անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրէսի ստեղծման գործընթացին՝ ընդդիմադիր գործիչ Լեւոն Զուրաբեան չէ կրցած յստակացնել, թէ ներկայ դրութեամբ ո՞ր կուսակցութիւնները պիտի միանան այդ քաղաքական միաւորման։
Լ. Զուրաբեան չէ կրցած նաեւ տալ անունները այն կուսակցութիւններուն, որոնք ստեղծուելիք քոնկրէսին անդամագրուելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:
Կարծիք յայտնելով, որ ստեղծուելիք քաղաքական միաւորումը շրջադարձային [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յուլիս 30ին երեկոյեան տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտարարեց, թէ որոշած է Սեպտեմբերին հրաժարիլ իր պաշտօնէն, խստօրէն քննադատելով որ իր դէմ բացուած եւ զեղծարարութեանց առնչուող դատերը: Ան մերժեց լրագրողներու հարցումներուն պատասխանել:
Օլմերթ, որուն պաշտօնավարութիւնը այլապէս պիտի աւարտէր 2010ին, յայտնեց, թէ իշխանութենէն պիտի հեռանայ Սեպտեմբեր 17ին կայանալիք իր կուսակցութեան [...]
July 31st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Յուլիս 30ի երեկոյեան, Գումգաբուի Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Կրօնական ժողովի հրաւէրով, կայացաւ համայնքային անդամներու հանդիպում մը, որուն նպատակն էր պատրիարքին առողջական վիճակին մասին վերջին տեղեկութիւնները հրապարակել: Ժողովին կը նախագահէին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Շահան սրբազան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազան:
Բացումը կատարեց Արամ Սրբազան, որ յայտնեց, թէ կարգ մը թերթեր, նաեւ ազգայիններ կը պահանջէին [...]
July 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2008ի երեկոյեան, Լոնտոնի Պաքինկըմ պալատին մէջ, Անկլիքան եկեղեցւոյ ընտանիքի եպիսկոպոսական ժողովին մասնակցող աւելի քան 1500 անձեր հիւրընկալուեցան Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհիին կողմէ։
Առաւօտեան, ժողովականներ եւ հիւրեր Լոնտոնի մէջ մասնակցեցան Անկլիքան եկեղեցւոյ ընտանիքի հոգեւոր պետ եւ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռօուըն Ուիլիըմզի գլխաւորած վկայութեան քայլարշաւին, որուն նպատակն էր աշխարհի քաղաքական ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել աղքատութեան [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պէյճինկի մէջ Օգոստոս 8ին սկսող Ողիմպիական խաղերուն շարք մը հայ մարզիկներ հանդէս պիտի գան այլ երկիրներու դրօշներու տակ:
Այսպէս՝ պուլկարական դրօշին տակ պիտի ներկայանայ յունա-հռոմէական ոճի ըմշբամարտիկ Արմէն Նազարեան, որ կը հանդիսանայ անկախ Հայաստանի միակ ողիմպիական ախոյեանը:
Գերմանական դրօշին տակ պիտի ներկայանայ ծանրամարտիկ Արտեօմ Շալոյեան: Ռուսիան ներկայացնղներու շարքին են յունա-հռոմէական ոճի ըմբշամարտիկ Վարդերես [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Յառաջիկայ Օգոստոս 29-Սեպտեմբեր 1ի շաբաթավերջին, Ինտիըն Ուէլզի Hyatt Grand Champions Resortին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամերիկահայերու Միջին Արեւելքի ակումբին ձեռնարկը, որու ընթացքին տեղի պիտի ունենան կոլֆի եւ նարտիի մրցաշարքներ, հագուստներու ցուցադրութիւն, ճաշկերոյթ պարահանդէս եւ այլ անակնկալներ:
Տեղերը սահմանափակ ըլլալով կը խնդրուի կանուխ դիմել կազմակերպութեան: Երկու չափահասներու համար մէկ գիշերուան սակը 285 տոլար է, ներառեալ ճաշկերոյթի [...]
July 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանէն բռնագաղթած եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած քաղաքացիներուն, սեփականութեան իրաւունքով, անհատոյց բնակարաններ պիտի յատկացուին Երեւանի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող հանրակացարաններէ ներս:
Կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին, յանձնարարեց Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանին, որ սոյն որոշումը ուժի մէջ մտնելէ ետք, երկամսեայ ժամկէտով սահմանուած կարգով՝ ապահովել նշուած բնակելի տարածքներու սեփականաշնորհումը:
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր մը ստորագրած է, որ կը վերաբերի երկրի զանգուածային լրատուամիջոցներուն միանուագ նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելու գործին:
Day.az համացանցային կայքէջի փոխանցումով՝ նախագահի պահուստային ֆոնտէն ատրպեճանական լրատուամիջոցներուն կը փոխանցուի ընդամէնը 190 հազար մանաթ (շուրջ 235 հազար տոլար): Այսպէս՝ հինգ հազարական մանաթ պիտի ստանան «Ասսա-իռատա», «Ազերի-փրէս», «Ազերթաճ», «Թուրան» եւ «Թրենտ» գործակալութիւնները, ու «Այնա-զերքալօ», «Ազատ Ազերպայճան», [...]
July 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան եւ Միաւորուած աշխատանքային կուսակցութեան նախագահ Գուրգէն Արսէնեան, որոնք Մարտ 1ի դէպքերը ուսումնասիրող Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնաժողովի անդամներ են, Յուլիս 29ին դիմում-երաշխաւորագիր ներկայացուցած են գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանին՝ կալանաւորուած պատգամաւորներ Միասնիկ Մալխասեանի, Յակոբ Յակոբեանի եւ Սասուն Միքայէլեանի խափանման միջոցը փոխելու խնդրանքով: Ի դէպ, Միասնիկ Մալխասեան դատապարտեալներու հիւանդանոցէն նախընթաց օրը [...]
July 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ, Յուլիս 29-30ն, Իրան կը գտնուէր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Գեղամ Ղարիբջանեան՝ մասնակցելու համար Թեհրանի մէջ գումարուող «Ոչ-յանձնառուներու շարժման» (Non-Aligned Movement – NAM) երկիրներու ԱԳ նախարարներու 15րդ համաժողովին, ուր Հայաստան ներկայացած է դիտորդի կարգավիճակով:
ԱԳ նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն, փոխնախարար Ղարիբջանեան առանձնազրոյցներ ունեցած է Պելոռուսի, Թուրքմէնիստանի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ [...]
July 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Տքթ. Ռոփովթ Չորպաճեանի տպաւորութիւնները Կիլիկիա ու Արեւմտեան Հայաստան իր այցելութեան վերադարձին՝ սկսան լոյս տեսնել «Նայիր»ի մէջ 1965ի, Սեպտեմբեր 26ի թիւով։ Թերեւս առաջին անգամն էր նման յօդուածաշարքի մը հրատարակումը երբ շրջանը այլեւս զինուական գօտի ըլլալէ դադրած էր։ Յաջորդող տարիներուն ուրիշներ եւս այցելեցին նոյն վայրերը ու գրեցին իրենց տպաւորութիւնները։ Անոնցմէ վերջինը, Զաւէն Խանճեանի տպաւորութիւնները, «Ասպարէզ»ի մէջ լոյս [...]
July 31st, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնեցան անձնական, կրթական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ այլ հանգամանքներէն ելլելով:
Թերեւս XVII դարու սկիզբէն Եւրոպայէն դէպի Հիւսիսային Ամերիկա ուղեւորուած վերաբնակիչներու շարքին էին նաեւ առաջին սակաւաթիւ հայերը: Բրիտանական գաղութատիրութեան այդ ժամանակաշրջանին Ամերիկա մեկնած հայերու մասին պահպանուած են շատ քիչ, յաճախ նաեւ պատմական հաւաստումի կարօտ՝ կցկտուր տեղեկութիւններ: Այսպէս, ըստ ամերիկացի պատմաբան Լուիս Ադամիքի, [...]
July 31st, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Հայաստանի օտարերկրեայ բոլոր դեսպանատուներուն ուղղուած յանձնարարականին համաձայն՝ Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ օրերս Թեհրան կը գտնուի Հայաստանի «ֆուրման Աբրահամեան» ակումբի ֆութպոլային պատանեկան հաւաքականը, որ բարեկամական բնոյթի խաղարկային հանդիպումներ ունեցաւ իրանահայ պատանեկան, ապա Իրանի պատանեկան հաւաքականներուն հետ: Խաղերը տեղի ունեցան Արարատ մարզաւանի ֆութպոլային համալիրին մէջ:
Երկրորդ խաղին, որ կայացաւ Յուլիս [...]
July 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2010ի Ապրիլ 30ին, կը նախատեսուի Երեւանի ջերմաելեքտրակայանի նոր բաժնի գործարկումը: Երէկ, այս բաժնի հիմնարկէքը կատարուեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ:
Ելեքտրակայանը պիտի ունենայ 242 մեկավաթ հզօրութիւն: Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանի խօսքերով՝ Հայաստանի մէջ գործող ջերմաելեքտրակայաններու համեմատ, նոր կայանը մէկ քիլովաթ ժամ ելեքտրականութիւն արտադրելու համար կը ծախսէ 2-2.3 անգամ նուազ վառելիք՝ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ քրտական միակ կուսակցութեան՝ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Էմինէ Այնան անգլիական «Կարտիըն» թերթին յայտնած է, որ Պոլսոյ բանուկ փողոցներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած պայթումները, որոնք 17 զոհ խլած էին, կազմակերպուած են թուրք ծայրայեղ ազգայնամոլներու «Էրկէնէքոն»ի կողմէ:
Ան եւ կուսակցութեան նախագահ Ահմատ Թուրք եւս մերժած են յարձակումը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կապելու Թուրքիոյ իշխանութեանց փորձերը, [...]
July 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Սեպտեմբեր 5ին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ թրքախօս երկիրներու առաջնորդներու գագաթնաժողովը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլահ Կիւլը: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Զաման» օրաթերթը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն հանգամանքին վրայ, որ Սեպտեմբեր 6ին ալ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլային հանդիպումը, որուն հրաւիրուած է Կիւլ:
«Կիւլի դէպի Երեւան ճանապարհը կ’անցնի Պաքուով» վերնագիրը [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Պատասխանելով Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին վաւերացման կապակցութեամբ «Փէնարմինիըն» համացանացային լրատու գործակալութեան հարցումներուն, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան Չորեքշաբթի, Յուլիս 30ին յայտնեց, թէ պետական քարտուղարութեան կեցուածքի փոփոխութեամբ դրական հանգրուան մը եւս արձանագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ։
Ան շեշտեց, թէ դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Մարի Եովանովիչի [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի կազմակերպութեամբ՝ Յուլիս 18-25, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու Համահայկական 2րդ «Հայաստանագնացութիւնը», որուն մասնակցեցան 320 պատանիներ եւ վարիչներ 9 երկիրներէ՝ Հայաստան, ԱՄՆ, Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Քանատա, Յունաստան եւ այլուր: «Հայաստանագնացութեան» կարգախօսն էր՝ «Իմ հայրենիքն է իմ ապագան»։
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր պատանիներուն իրենց խօսքը փոխանցեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Վահան Յովհաննիսեանը [...]
July 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ», «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Յուլիս 30ին, Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը վճռեց չփակել իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, բաւարարուելով կուսակցութեան տրամադրուող պետական օժանդակութիւնները կիսելու վճիռով, պնդելով, թէ կուսակցութիւնը իր որոշ քայլերով վտանգ կը սպառնայ երկրին աշխարհիկ դիմագիծին:
Անցեալ Մարտին բացուած դատը անդամալուծած էր Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը, իրարու դէմ հանելով երկրին կրօնական եւ աշխարհիկ շրջանակները:
Սահմանադրական ատեանը Երկուշաբթի [...]
July 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ազգային ժողովի նախկին փոխնախագահ Կարապետ Ռուբինեան որեւէ տրամաբանութիւն չի տեսներ իշխանութիւններու գործողութիւններուն մէջ՝ կապուած, մասնաւորապէս, յետընտրական իրադարձութիւններու առնչութեամբ կալանաւորուած գործիչներէն ոմանց ազատ արձակման հետ:
Ռուբինեան, որ զանգուածային անկարգութիւններ հրահրելու եւ պետական իշխանութիւնը իւրացնելու մեղադրանքով կալանաւորուած էր, ապա՝ Մայիս 13ին, խափանման միջոցի փոփոխութեամբ ազատ արձակուած, Ազատութիւն ռատիօկայանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ «Այն պահին, [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ղրիմի Ինքնավար հանրապետութիւն երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ ժամանած նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յուլիս 29ին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ միասնաբար, մասնակցեցաւ Ղրիմի Սբ. Խաչ վանքի եւ Սբ. Նշան եկեղեցւոյ 650ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութեան:
Սուրբ Խաչը ղրիմահայ գաղթօճախի հոգեւոր ամենանշանաւոր կեդրոնն է, որ դարեր շարունակ եղած է տեղի աթոռակալ եպիսկոպոսներու նստավայրը: Ան կը գտնուի նախապէս [...]
July 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԹՈՐՈՆԹՕ.- ՀՕՄի Թորոնթոյի Ռուբինա Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Յունիս 7ի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ նշուեցաւ Տոհմիկ օրերու 15րդ օղակը կազմող Սեբաստիոյ յիշատակը՝ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկ. Տիգրան եւ Քաթիա Ղորղորեաններու: Հանդիսութեան ներկայ էին աւելի քան 500 հայորդիներ, որոնք դիմաւորուեցան ազգային տարազներ հագած ընկերուհիներու կողմէ, հիւրասիրուեցան աւանդական բալի խմիչքով, եւ ստացան այս առթիւ պատրաստուած պատկերազարդ գրքոյկ:
Օրուան [...]
July 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արթօ Թունչպոյաճեանի գլխաւորած Հայկական նաւատորմի նուագախումբը (Armenian Navy Band) Միացեալ Նահանգներու մէջ իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի աշխարհահռչակ «Ուոլթ Տիզնի» համերգասրահին մէջ, Ուրբաթ, Օգոստոս 15ին, երեկոյեան ժամը 8ին, կը տեղեկացնէ Լոս Անճելըս հաստատուած բարեգործական Արուեստագէտներ մանուկներու համար (Artists for Kids) հիմնադրամը:
«Շատեր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ խումբը Հայկական նաւատորմի նուագախումբ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՔԱՐՍԸՆ.- Chivas USA ֆութպոլի խումբին ու Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին համագործակցութեամբ, Հինգշաբթի, Օգոստոս 14ի գիշերը Հայկական գիշեր պիտի հռչակուի «Հօմ Տիփօ» մարզահամալիրին մէջ, ուր իրարու դէմ պիտի ճակատին Լոս Անճելըսի ֆութպոլի արհեստավարժ երկու խումբերը, «Չիվազ»ն ու «Կալաքսի»ն:
Երեկոյին ընթացքին հայկական մշակոյթը քանի մը առիթներով պիտի յիշատակուի. պիտի ներկայացուին հայ երգն ու պարը, եւ Հայաստանը [...]
July 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայաստանի յունա-հռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականէն ակնկալութիւնները մեծ են՝ յառաջիկայ ողիմպիական խաղերուն ընթացքին: Հայկական ընտրանիի կազմին մէջ ընդգրկուած են 6 ըմբիշներ: Մասնակիցներու թիւը արդէն իսկ վստահութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ յունա-հռոմէական ըմբշամարտի մէջ այսքան մեծ թիւով մասնակցութիւն Հայաստանը ունեցած էր միայն 1996ի ողիմպիականին, երբ Արմէն Նազարեան դարձաւ ողիմպիական ախոյեան:
Այս անգամ պայքարի մէջ կը մտնեն բաւական տիտղոսակիր [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսական նախարարութեան հանրային կապերու բաժնին համաձայն, տնտեսական նախարարութեան կողմէ իրականացուող հիւրանոցային կառոյցներու որակաւորման աշխատանքներու ծիրէն ներս, ցայսօր, Հայաստանի աւելի քան 70 հիւրանոցներէ որակաւորուած են միայն 6ը:
Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ գերակայ է, հետեւաբար, անոր զարգացման ուղղութեամբ պետականօրէն լուրջ քայլեր կ’իրականացուին: Զոր օրինակ՝ բարեկարգուած են ճանապարհները, օդակայանը համապատասխանած է միջազգային չափանիշներու, աճած [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՉԻՆՕ ՀԻԼԶ, «Էյ.Փի.».- Երեքշաբթի, Յուլիս 29ին, կ.ա. ժամը 11:42ին, 5.4 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց հարաւային Քալիֆորնիան: Երկրաշարժին կիզակէտը կը գտնուէր Լոս Անճելըսի քաղաքամէջէն 29 մղոն հարաւ-արեւելք:
Ուժգին ցնցումէն ետք առնուազն 10 յետցնցումներ արձանագրուեցան, որոնցմէ երեքը՝ 3.8 ուժգնութեամբ: Ցնցումը զգացուած է մինչեւ Սան Տիէկօ:
Մարդկային զոհեր եւ նիւթական յատկանշական վնասներ չեն արձանագրուած: Պաշտօնատարներ յայտնեցին, թէ երկրաշարժ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Յուլիս 29ի յետմիջօրէին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը վաւերացուցած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչի նշանակումը, պետական քարտուղարութենէն Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով կեցուածքի որոշ բարեփոխում ապահովելէ ետք:
Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Յունիս 19ին, սկսած էր հարցաքննել Եովանովիչը, սակայն նկատի ունենալով, որ ան բոլոր հարցումներուն ժամանակին եւ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ կոչ ըրաւ զարգացող երկիրներուն, որ միացեալ ջանքերով պայքարին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին եւ միջազգային այլ մարմիններու դէմ, որոնք միայն հզօր պետութեանց շահերուն կը ծառայեն։
Իրան կ՚ուզէ Արեւմուտքին հետ իր հիւլէական ծրագիրին վերաբերող վէճին մէջ ընդարձակել իրեն զօրակցողներուն շրջանակը։ Ահմատինեժատ կը յայտնէ, որ արեւմտեան մայրաքաղաքները Իրանի դէմ կ՚օգտագործեն Ապահովութեան խորհուրդն ու [...]
July 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ըստ թրքական «Աքշամ» թերթին, Օգոստոս 14ին Թուրքիա այցելող Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ որոշած է չ’այցելել Աթաթուրքի դամբարանը, որովհետեւ այցելութիւնը պաշտօնական բնոյթ չունի եւ նախագահը յատուկ փափաք չէ յայտնած այդ ուղղութեամբ:
Թերթին համաձայն, Թուրքիոյ նախագահ Ապտալլա Կիւլի հրաւէրով այդ երկիր ժամանող Ահմատինեժատ իր այս որոշումին պատճառով պիտի հիւրընկալուի ոչ թէ Անգարայի, այլ Պոլսոյ մէջ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ այսօր, ոչ վաղը չեն գնայ այնպիսի քայլի, որը կարող է խրախուսել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը: Այդպիսի բան չի լինի, երբե՛ք», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ երէկ հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին: Ըստ նախարարին, քաղաքական գործիչները երբեմն աւելի կը բարդացնեն իրավիճակը՝ իւրայատուկ կերպով մեկնաբանելով կատարուած յայտարարութիւնները:
«Մեր ցանկութիւնն է հարեւան երկրի հետ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Վրաստանը յետխորհրդային տարածքի ամենառազմականացուած հանրապետութիւնն է, սակայն մեծ չեն վրացական բանակի հնարաւորութիւնները: Ըստ «Նովոսթի-Կրուզիա»ին, նման կարծիք յայտնած է Հարաւային Օսէթիոյ չճանչցուած հանրապետութեան նախագահ Էդուարդ Քոքոյթին:
«Վրաստան ժամանած Քոնտըլիզա Ռայսը եւ Սահակաշվիլին յայտարարեցին, որ մտադիր են խաղաղ ճանապարհով կարգաւորել հակամարտութիւնը, բայց Ռայսի մեկնելուց անմիջապէս յետոյ վրացական կողմը 5 հազարով աւելացրեց իր զինուած ուժերը: Դա մէկ անգամ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստանի փոխնախագահ Քսի Ժինկփինկ Պէյճինկ այցելող Սուտանի ելեւմուտքի նախարար Աուատ Ահմատ Ճազին յայտնեց, որ Չինաստան մտահոգ է Տարֆուրի մէջ ցեղասպանութեան հարցով Միջազգային քրէական ատեանին կողմէ Սուտանի նախագահին դէմ բացուած դատով, որ կրնայ վնաս հասցնել խաղաղութեան գործընթացին:
Չինաստան Սուտանի քարիւղի մեծագոյն յաճախորդներէն եւ այդ երկրին մեծագոյն զէնք մատակարարողներէն է: Փոխնախագահը յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը [...]
July 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Գերմանական թերթ մը կը տեղեկացնէ, թէ վառելանիւթի գիներու չափազանց աճը պատճառ դարձած է, որ արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ երթեւեկեն հեծանիւներով, իսկ Թուրքիոյ մէջ՝ աւանակներով: Այս պատճառով, չորս անգամով բարձրացած է Թուրքիոյ աւանակներուն գինը:
July 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ճամբորդական գրասենեակ ունեցող ընկեր մը անցեալ օր մտահոգութիւն յայտնեց, թէ լոս անճելըսեան մամուլի որոշ ներկայացուցիչներ, չարախնդութեամբ կը պնդեն, որ Հայաստան գացող զբօսաշրջիկներու թիւը նուազած է, որ հիւրանոցները դատարկ են եւ Երեւանի փողոցներու վրայ արտասահմանցիներ չեն երեւիր, եւ այս ամէնը կը կապեն երկրի ներքաղաքական վիճակին:
Նախ ընկերս ինք կը վկայէ, որ մեծ խումբի համար տեղ ապահովելու [...]
July 30th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամփոփուեցան արդիւնքները Ծաղկաձորի մէջ Յուլիս 25-27 կայացած Համահայկական կրթական երրորդ խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցէին Սփիւռքի 29 գաղթօճախներէն, Ղարաբաղէն եւ Հայաստանէն կրթութեան ու գիտութեան ոլորտի շուրջ 150 ներկայացուցիչներ:
Եռօրեայ խորհրդաժողովի քննարկման հիմնական թեման սփիւռքահայ սերունդի հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան հետ կապուած խնդիրներն էին:
Երէկ հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի ԿԳ նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Վերջերս Պէյրութի Համազգայինի Վահէ Սեթեան տպարանէն լոյս տեսաւ Գառնիկ Բանեանի յուշերէն՝ «Անխոնջ Միտքեր»ը։ Տարիներ շարունակ դասաւանդած Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, Գառնիկ Բանեան սերտ յարաբերութիւններ ունէր Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ։
1930ին, Բանեան կը դառնայ նորաբաց Ճեմարանին նախապատրաստական դասարանի տասնհինգ աշակերտներէն մէկը եւ, հինգ տարի ետք, մաս կը կազմէ Ճեմարանի առաջին հունձքին։ Իբրեւ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Մեր ժողովրդային իմաստութիւնները հազարաւոր տարիների ուսումնասիրութիւնից անցած, իրենց իմաստը միլիոնաւոր անգամներ հաստատած, դոյզն իսկ չսխալած իրենց տուած բնորոշման մէջ, շատերիս կեանքի ուղեցոյցը, խորհրդատուն ու միեւնոյն ժամանակ մեր կեանքի փորձաքարն են դարձել, իւրաքանչիւր անգամ հաստատելով իրենց ակներեւ ճշտութիւնը։ Այս իմաստութիւններով առաջնորդուողներիս համար, այդ տեսանկիւնից աշխարհի ու մարդկանց յարաբերութիւնները վերլուծողներիս, մինչեւ իսկ քաղաքական իրադարձութիւնները այդ ամենապարզ ճշմարտութեամբ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- 9 Յուլիս 2008ին, կազմակերպութեամբ Յունաստանի Համազգայինի Գոքինիայի Յ. Շիրազ մասնաճիւղի վարչութեան, «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ Հենրիկ Մալեանի «Կտոր մը երկինք» ժողովրդային տեսաժապաւէնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Շաքէ Էլմասեան, որ բեմ հրաւիրեց Ժագ Տամատեանը՝ ներկայացնելու համար ցուցադրուելիք ժապաւէնը եւ լայն տեղեկութիւններ տալու նիւթին մասին:
«Կտոր մը երկինք»ը պատմութիւնն է որբ տղու մը, որ հասակ կ՚առնէ աղքատ [...]
July 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ղարաբաղի Հադրութի շրջանին մէջ, Հայաստան համահայկական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող հինգ ծրագիրներ արդէն հասած են իրենց աւարտական փուլին, իսկ Սեպտեմբերին կը նախատեսուի կատարել անոնց պաշտօնական բացումները:
Հիմնադրամի տեղեկատուութեան համաձայն, ծրագիրներու մէկ մասը իրականացուած է Արցախի «Վերածնունդ» ծիրէն ներս: Անոնցմէ կարելի է յիշել Տող-Հադրութ կազամուղի կառուցումը, Հադրութի խմելու ջուրի համակարգի վերականգնումը, դպրոցի վերակառուցման ծրագիրները, որոնք արդէն հասած են [...]
July 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Փոխուած է Հայոց համազգային շարժման վարչութեան նախագահ Արարատ Զուրաբեանի նկատմամբ խափանման միջոցը. կալանքը փոխարինուած է Երեւանէն չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ:
Ինչպէս Մարտ 1-2ի իրադարձութիւնները եւ անոնց պատճառներն ուսումնասիրող խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնաժողովի երէկուան նիստին ընթացքին յայտնեց Յատուկ քննչական ծառայութեան աւագ քննիչ Վահագն Յարութիւնեան, Զուրաբեանի խափանման միջոցը փոխելու ցուցմունք տուած է գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը:
Հայոց համազգային շարժման վարչութեան [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը համաձայն չէ ճափոնական «Շիմիձու» ընկերութեան առաջադրած պայմանագրով՝ «Նուբարաշէնի կոշտ կենցաղային թափօնների աղբավայրում կենսակազի օգտահանում եւ ելեկտրաէներգիայի արտադրութիւն՝ մաքուր զարգացման մեխանիզմով» ծրագրի իրականացման:
2002ին հայկական կողմը «Շիմիձու»ի հետ կնքած էր ելակետային համաձայնագիր մը՝ աղբի վերամշակման վերաբերեալ, եւ ներկայիս տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուած է պայմանագիրը հաստատելու առաջարկը: Սակայն նախարարութեան անունով, պայմանագրի կնքման մասին [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ստամբուլի Հայոց Պատրիարքարանի շրջակայքի նեղլիկ փողոցներով քայլելիս կարելի է լսել արեւելահայերէն խօսողների: Ինտերնետային հեռախօսակապի կէտերում նոյնիսկ հայերէն տառերով գրութիւններ կան՝ «մէկ րոպէի արժէքը…» Երեւան, Վանաձոր խօսելու համար:
Պատրիարքարանի շրջակայքում մօտ 3-5 հազար հայաստանցի է ապրում: Այս թիւը նշեցին համայնքի խնդիրներով հետաքրքրուած մի քանի պոլսահայեր (նրանց անունները չենք հրապարակում նրանց համար խնդիրներ չստեղծելու նկատառումով): Ստամբուլում հայաստանցիները հազուադէպ [...]
July 29th, 2008
| Posted in Նամակ Երկրէն | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ այս տարուան 2րդ եռամսեակի ժամանակահատուծին գործած է 22 դրամատուն՝ 367 մասնաճիւղերով:
Հայաստանի կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան համաձայն, առաջին եռամսեակին համեմատ, 2րդ եռամսեակին առեւտրային դրամատուներու դրամագլուխը աճած է: Վերջիններուս պարտաւորութիւնները նուազած են 4.1 տոկոսով: Մասնաւոր անձերու անհատական ժամկէտային աւանդները աւելցած են 14.7 տոկոս ով, պարտաւորութիւնները կառավարութեան նկատմամբ՝ 3.7 տոկոս -ով:
[...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կիրակի, Յուլիս 27ին, «Պեվըրլի Ուիլշըր» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան տարեկան ճաշկերոյթը, որ վերածուեցաւ կազմակերպութեան իրագործումները տօնելու, անոր աշխատանքները ներկայացնելու եւ անոր գործիչներուն ու նուիրատուներուն շնորհակալութիւն յայտնելու պատեհութեան մը:
Աւանդութեան վերածուած ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 500 հոգի, նեառեալ համայնքային ղեկավարներ ու նուիրատու-բարերարներ: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Արեւմտեան [...]
July 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հիւսիւսային Ամերիկայի Հայ աւետարանակ եկեղեցիներու միութեան 19րդ համաժողովը այս տարի տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլ քաղաքի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ Յունիս 26-28ին:
Ըստ միութեան սահմանադրութեան, երկու տարին անգամ մը գումարուող համաժողովը այս տարի հիւրընկալեցին Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական, Հոլիվուտի Հայ աւետարանական եւ Կլէնտէյլի Հայ աւետարանական եկեղեցիները։ Կազմակերպիչ յանձնախումբի համանախագահներն էին սոյն եկեղեցիներու հովիւները, յաջորդաբար՝ վեր. Գէորգ Տէրեան, [...]
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը (ANC-PAC) կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ 33րդ ընտրատարածքէն քոնկրէսական Տայան Ուաթսընի վերընտրութեան:
Ուաթսընի ընտրատարածքին մէջ կ’իյնան Հոլիվուտի Փոքր Հայաստան հայաբնակ շրջանը, իսկ քոնկրէսականը բարձրաստիճան անդամ մըն է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձախումբին ու միշտ նեցուկ կանգնած է ամերիկահայութեան՝ անոր յուզող հարցերուն:
«Տայան Ուաթսըն ամերիկահայ համայնքին [...]
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Սպանական Bass TV հեռուստատեսային ընկերութիւնը՝ Trans Globe ընկերութեան հետ գործակցաբար, կը պատրաստեն Հայատանի մասին մէկ ժամուան տեւողութեամբ փաստագրական-ճանաչողական շարժապատկեր մը:
«Մետիամաքս» գործակալութեան տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին Հայաստանի շբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան նշած է, որ նախագիծի հեղինակները ընտրած են շբօսաշրջութեան համար ամէնէն հետաքրքրական 13 երկիրները, որոնց մէջ ըլլալով նաեւ Հայաստանը:
Հայաստանի կառավարութիւնը 225 հազար եուրոյի [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ քաղաքացի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Հանրապետութիւն կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նախագահ Արամ Սարգսեանի լիազօր ներկայացուցիչ Արտակ Զեյնալեան Յուլիս 25ին Երեւանի քաղաքապետարան ներկայացուցած է իրազեկումներ 2008 Օգոստոս 3ին, 4ին, 5ին եւ 6ին զանգուածային հրապարակային միջոցառումներ կազմակերպելու մասին, որոնք, ըստ իրազեկումներուն, պիտի սկսին Ազատութեան հրապարակէն կամ Մատենադարանին հարող տարածքէն՝ հանրահաւաքով եւ պիտի աւարտին երթով: Այս մասին [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայելի ակումբին մէջ երէկ կայացած բանավէճի ընթացքին ՍԻՄի նախագահ Հայկ Բաբուխանեան յայտնեց, թէ ՍԻՄը, ԱԻՄը, Հայաստանի ազատական առաջադիմական կուսակցութիւնը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-դեմոկրատական դաշինքը եւ Հայաստանի միաւորուած կոմունիստական կուսակցութիւնը խորհրդակցութիւններ կը կատարեն ընդդիմադիր ուժերու բեւեռ ստեղծելու վերաբերեալ:
Անոր խօսքերով՝ նշուած կուսակցութիւնները շուրջ 20 տարիէ ի վեր կը գտնուին ընդդիմադիր դաշտի վրայ, եւ այսօր կը վայելեն ժողովուրդի 60 [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կրօնական հարցերու գրասենեակին տուեալներով, վերջին ինը տարիներու ընթացքին երկրին մէջ մօտաւորապէս վեց հազար նոր մզկիթներ կառուցուած են:
Ըստ նոյն գրասենեակի տուեալներուն, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ կան 79,096 մզկիթներ, որոնցմէ 11,878ը իմամ չունի:
Թուրքիայէն դուրս կը գործեն 1805 թրքական մզկիթներ, որոնցմէ 428ը իմամ չունին:
Միայն Պոլսոյ մէջ կայ 2944 մզկիթ, Քոնիայի մէջ՝ 2893, Անգարայի [...]
July 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիեպ Էրտողան պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան խորհուրդի Երեքշաբթի, Յուլիս 29ի նիստի ընթացքին ստորագրած է համաձայնութիւն մը, որուն շնորհիւ 500 միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի սեփական հրասայլեր արտադրելու նպատակին:
Ըստ նախատեսութեանց, թրքական առաջին հրասայլը պիտի արտադրուի 78.5 ամիսէն:
July 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ շուտով պիտի սկսին ուսումնասիրութիւններու, Միջերկրական ծովուն տակէն ջուրի, բնական կազի, քարիւղի, ելեքտրականութեան եւ հաղորդակցութեան ամբողջական ծրար մը մէկտեղող խողովակաշար մը Թուրքիայէն Իսրայէլ հասցնելու հնարաւորութեան մասին։
Արդարեւ, Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութիւններու նախարար Հիլմի Կիւլեր Իսրայէլի ենթակառոյցի նախարար Պենիամին պէն Էլիազարի հետ անցեալ շաբաթ գումարած ժողովէ մը [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Վաւերագրական ժապաւէններու թուրք երիտասարդ բեմադրիչ եւ լրագրող Մէհմէտ Պինայ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին իսլամացած հայերու մասին պատրաստած է վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը կրէ «Փսփսացող յիշատակներ» խորագիրը։ ժապաւէնը, որուն նկարահանումը տեւած է երկու տարի, առաջին անգամ ներկայացուած է 27 Յունիսին, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն, իսկ աւելի ուշ՝ Հայաստանի մէջ շարժանկարի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին։
Թրքական «Թըրքիշ [...]
July 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Յատուկ քննչական ծառայութեան աւագ քննիչ Վահագն Յարութիւնեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին, երէկ յայտարարեց, որ պարզուած է այն իրաւապահներու ինքնութիւնը, որոնց կողմէ հրազէնի կիրառումը Մարտ 1-2 իրադարձութիւններու ժամանակ պատճառ հանդիսացած է մարդկային զոհերու: Անուններ, սակայն, Յարութիւնեան չհրապարակեց՝ նախաքննութեան շահերէն մեկնելով:
Հարցումին, թէ կա՞ն արդեօք կալանաւորուածներ, Յարութիւնեան արձագանգեց. «Հրազէն կիրառելը դեռեւս չի նշանակում յանցագործութիւն կատարել: [...]
July 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ Պէյճինկ մեկնած է Հայաստանի առաջին ողիմպիական պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Պէյճինկի ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Դերենիկ Գաբրիէլեան, Հայաստանի սպորտի պետական նախարարութեան եւ ողիմպիական կոմիտէի պատասխանատու աշխատակիցներ Բագրատ Բուռնազեան եւ Անժելա Միրզոյեան: Անոնք Պէյճինկի մէջ պիտի զբաղին Ողիմպիական աւանի մէջ Հայաստանի պատուիրակներու ընդունման հետ կապուած հարցերով:
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Յոյսով եմ, որ ԱՄՆ Սենատի քննարկման արդիւնքում Հայաստանում ԱՄՆ նոր դեսպանի թեկնածութիւնը կը հաստատուի եւ նա շուտով կը ժամանի Երեւան ու իր նպաստը կը բերի հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնների հետագայ զարգացմանը», երէկ յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ անդրադառնալով Հայաստանի մօտ ԱՄՆ նոր դեսպանի հաստատման վերաբերեալ նոյն օրը Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք քննարկումներուն: [...]
July 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Մենք՝ Գրողների համահայկական 4րդ համաժողովի մասնակիցներս, կրկին անգամ մէկտեղուել ենք հայրենիքում՝ առաջնորդուելով այն ընդհանրական գիտակցութեամբ, որ հայ գրականութիւնը ամենազօրաւոր գրաւականներից է մեր ազգային ու բարոյական միասնութեան։
Հայ գրողը, լինի Սփիւռքում թէ Հայաստանի հողի վրայ, իր գրչով ու մշակութային-հասարակական գործունէութեամբ կոչուած է արձագանգելու ժամանակի հրամայականներին ու տագնապներին եւ նախանշելու ապագայի տեսլականները։
Այս առումով՝ մեր այս սահմանագծային ժամանակը պահանջում [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Ասպարէզ» գունաւոր, գունազարդ հրատարակութիւն չէ: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, որ տժգոյն թերթ է, արտաքինով անհրապոյր, գիրերու տեսակով ու ընթեռնելիութեամբ ոչ այնքան դիւրին, մանաւանդ մեր համայնքի այն մասին համար, որ նոր ուղղագրութեան վարժուած է, Մեսրոպեան ուղղագրութեան իր ծանօթացումը եղած է նոյն «Ասպարէզ»ի էջերէն:
Բացի ուղղագրութենէն, ուր որեւէ զիջում «Ասպարէզ»ի կողմէ անկարելի է պատկերացնել, միւս թերութիւնները խմբագրական [...]
July 29th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ Կիպրոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն Յոյն եկեղեցւոյ պետ Խրիսոսթոմոս Բ.ի հետ:
Վեհափառ հայրապետին կ’ընկերանային Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Աթէշեան, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Աշճեան, Սեպուհ Դաւիթեան եւ Թորգոմ աբղյ. Տօնոյեան:
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ [...]
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԱՒՐԻԶ.- Կիրակի, Յուլիս 27ին, Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, Լիզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութեան 25ամեակին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Նշան եպս. Թօփուզեանի նախագահութեամբ: «Այսօր ամբողջանում է 25ամեակը նահատակութեան Լիզպոնում մեր հայ հինգ այն երիտասարդների, որոնք Հայ Դատի հետապնդման նուիրական ծրագրերում արձանագրեցին վեհագոյն դիրք ու հանգամանք», նշեց սրբազան հայրը [...]
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՅՆՃԱՐ.- Կիրակի, 13 Յուլիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը երգահանդէս մը տուաւ Այնճարի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ։ Աւելի քան 300 հանդիսականներու ներկայութեամբ, «Շնորհալի»ն ներկայացուց հայ հոգեւոր, դասական, ազգային ու ժողովրդական շարք մը երգեր՝ ղեկավարութեամբ երաժիշտ-խմբավար Զաքար Քէշիշեանի։ Ներկայ հանդիսականները մեծ ուրախութեամբ ու հաճոյքով ունկնդրեցին սոյն համերգը։
Աւարտին, յանուն լիբանանահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, [...]
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հակադրուելով 1996ի ՀՀ նախագահի թեկնածուին, Լ. Տէր Պետրոսեանը ս. թ. Յունուարի 11ի մամլոյ ասուլիսում վճռականօրէն ասաց. «Ես Ձեր ակնարկած մարդու նման ցանկապատեր չեմ կոտրելու, շէնքեր չեմ գրաւելու, խորհրդարանի նախագահի գլուխը չեմ ջարդելու» )այս մասին տես «Յաւելուածը» յօդուածի վերջում(։ Մոռացե՞լ է լեւոնամոլ ռազմաշունչ կանանց յարձակումը Գերագոյն Խորհրդի նախագահ Հրանդ Ոսկանեանի վրայ։ Բայց դա մի «չնչին» յանցանք [...]
July 29th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած եւ 15 տարբեր լեզուներով ներկայացուած «Ատանա» ստեղծագործութեան կը յաջորդէ «Սիրենք զմիմեանս» նոր նախագիծը: Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս հրաւիրուած ասուլիսի ընթցքին այս մասին յայտնեց «Ատանա»ի երաժշտութեան հեղինակը, երաժշտահան Արա Գէորգեան:
Ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց այն արուեստագէտներուն եւ բոլոր մարդոց, որոնք նպաստած են «Ատանա»ի ստեղծման [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Վերատեսութեան ենթարկելով աւելի կանուխ կատարած իր լաւատես յայտարարութիւնները, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ յայտարարեց, որ չի հաւատար, թէ մինչեւ այս տարուան աւարտը պաղեստինցիներուն հետ կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը կնքել։
Խօսելով խորհրդարանի Արտաքին հարցերու եւ պաշտպանութեան յանձնախումբին անդամներուն հետ՝ Օլմերթ յայտնեց, թէ անհաւանական է, որ Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցը շուտով լուծուի։ Օլմերթ աւելցուց, [...]
July 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի հանրապետական կարգերու վերահաստատման 36րդ տարեդարձին առթիւ, Յունահայոց առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հրաւէրին՝ Հինգշաբթի, 24 Յուլիսին ներկայ գտնուեցաւ նախագահական ապարանքի պարտէզներուն մէջ կազմակերպուած ընդունելութիւն-հիւրասիրութեան:
Առաջնորդը, յանուն յունահայ գաղութին, նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, նախարարներու եւ եկեղեցական ու պետական բարձրաստիճան անձնաւորութեանց փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքը, մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն:
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵԱԼԹԱ, «Արմէնփրէս».- Ղրիմի հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եուշչենքոյի հետ:
Ուքրանիոյ նախագահը վերահաստատեց իր հրաւէրը Ս. Սարգսեանին՝ 2008ի վերջին եռամսեակին Ուքրանիա այցելելու: Առանձնազրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ հայ-ուքրանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի կայացման անհրաժեշտութիւնը: Սարգսեան եւ Եուշչենքօ կարեւոր համարեցին հայ-ուքրանական տնտեսական կապերու հետագայ աշխուժացումը, ապրանք-շրջանառութեան ծաւալներու ընդլայնումը [...]
July 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Թուրք երգչուհի Սեզէն Աքսու, հայ երաժիշտ Արթօ Թունչպոյաճեանի գործակցութեամբ, հրապարակած է «Տենիզ եըլտըզը» (ծովաստղ) խորագիրը կրող երգերու նոր ձայնասկաւառակ մը։ Ան գրած է եւ յօրինած «Կիւվերչին» (աղաւնի կամ տատրակ) երգը, զոր ձօնած է Հրանդ Տինքի յիշատակին։
Ան նաեւ գրած է այլ երգ մը, որ կը փոխանցէ մարդկային անգթութեան վերաբերեալ քաղաքական ուժեղ պատգամներ, «Աստուծոյ արցունքները» խորագիրով։
July 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Երեքշաբթի, Յուլիս 29ին, Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց զեկոյց մը, ուր մտահոգութիւն կը յայտնէ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ լարուածութեան կապակցութեամբ:
Ընդհանուր քարտուղարը աւելցուց, թէ տարակարծութիւնները վտանգաւոր նոր մակարդակի հասած են վրաց-աբխազական հակամարտութեան գօտիէն ներս վերջին իրադարձութիւններուն հետեւանքով:
July 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը կը յայտնէ, թէ Յուլիս 28-29ին, Ազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ տեղի կ’ունենայ պաշտպանութեան ռազմավարական մեթոդաբանութեան հարցերով սեմինար մը, որուն նպատակով Հայաստան ժամանած է ԱՄՆի, Մեծն Բրիտանիոյ, Հոլանտայի եւ Պուլկարիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններու փորձագէտներէ կազմուած խումբը մը։
Հայկական կողմէն սեմինարին կը մասնակցին պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի, զանազան նախարարութիւններու, Ոստիկանութեան, Ազգային անվտանգութեան [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կիրակի, Յուլիս 27ի առաւօտեան, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Լիզպոնի հինգ նահատակներու յիշատակին:
Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Անանիա աբղ. Գուճանեան, որ վեր առնելով «Լաւ ընկերներուն» զոհաբերութիւնը՝ յայտնեց, թէ այսօր հաւաքուած են բոլորը՝ կատարելու հոգեհանգստեան արարողութիւն այնպիսի անձանց համար, որոնք իրենց հոգիի եւ սրտի [...]
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 25 Յուլիսին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն ընդունեց Արցախի «Մայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Յասմիկ Միքայէլեանը:
Լիզպոնի գործողութեան 25ամեակին առիթով «Մայրութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ «Մայրութիւն» յուշամետալին արժանացան Լիզպոնի հինգ տղոց՝ Արայի, Սիմոնի, Վաչէի, Սարգիսի եւ Սեդրակի մայրերը: Կազմակերպութեան նախագահ Յասմիկ Միքայէլեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանին յանձնեց յուշամետալները եւ խնդրեց զանոնք փոխանցել հերոս հինգ տղոց [...]
July 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններէն շաբաթներ ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ Սուրիոյ դեսպանը Երկուշաբթի, Յուլիս 28ին կոչ ուղղեց Իսրայէլի հետ պատերազմական վիճակին վերջ տալու։
Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր սկսաւ անուղղակի բանակցութեանց նորագոյն հանգրուանը:
Դեսպան Իմատ Մուսթաֆա իսրայէլեան «Փիս նաու» շարժումին կազմակերպած մէկ հանդիպման ընթացքին յայտնեց. «Կը փափաքինք, որ զիրար ճանչնանք եւ վերջ տանք [...]
July 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Թրոնտայի մէջ (Նորվեկիա), Յուլիս 26-28ը, տեղի ունեցաւ Սբ. վայրերուն նուիրուած միջազգային համաժողովը՝ «Սուրբ վայրեր. վայրեր կոնֆլիկտի կամ երկխօսութեան համար» թեմայով: Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 16 Հայ առաքելական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ:
Մայր Աթոռի մամլոյ դիւանին համաձայն, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինէն ժողովին մասնակցած են Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Սահակ վրդ. Մաշալեանը եւ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Անցեալ Հինգշաբթի երեկոյ, Կլէնտէյլի մէջ գործող Սարդարապատ գրախանութի կազմակերպութեամբ ու անոր յարկին տակ տեղի ունեցաւ Ռուբինա Փիրումեանի «Անոնք, որ շարունակեցին ապրիլ Թուրքիոյ մէջ՝ 1915էն ետք» (And those who continued living in Turkey after 1915) գիրքին նուիրուած քննարկում-ներկայացումը:
Եու.Սի.Էլ.Էյ. համալսարանի դասախօս Յակոբ Կիւլիւճեան ձեռնհասօրէն (թէ՛ մասնագիտական իմաստով եւ թէ՛ հանրամատչելիութեան տեսակէտով), ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկութեան հրատարակութեամբ լոյս [...]
July 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Երէկ, Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնէն ներս (ՌԱՀՀԿ), կատարուեցաւ միջազգային իրաւունքով Հայաստանի արդի հանրապետութեան յատկացուած կամ վերապահուած տարածքներուն նկատմամբ՝ Հայաստանի ինքնիշխանութեան վերահաստատման հարցի քննարկում, որուն մասնակցած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքագէտ-վերլուծաբաններ, հասարակական կառոյցներու ու փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ ուրիշներ:
Ըստ կեդրոնի հաղորդագրութեան, «Հայաստանի հանրապետութեան սահմանների խնդիրն ըստ միջազգային իրաւունքի» թեմայով զեկոյց ներկայացուց Modus [...]
July 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. երէկ մեկնեցան Ղրիմ՝ մասնակցելու հայկական Ս. Խաչ վանական համալիրի հիմնադրման 650ամեակին նուիրուած արարողութեան:
Նախագահի մամլոյ գրասենեակին համաձայն, հայաստանեան պատուիրակութեան կազմին մէջ են արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարները, Սփիւռքի հետ կապերու կոմիտէի նախագահը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
Հայաստանի նախագահը ներկայ պիտի գտնուի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ օծման [...]
July 28th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յուլիս 28ին, շիի ուխտաւորներու վրայ անձնասպանական երեք յարձակումներու հետեւանքով սպանուեցան առնուազն 35 հոգի, մինչ հարիւրէ աւելի ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Ոստիկանութեան համաձայն, անձնասպանութեան դիմած յարձակողները կիներ էին:
Նոյն օրը, հիւսիսային Քէրքուք քաղաքի մէջ եւս անձնասպանութեան դիմած կին մը իր վրայի ռումբերը պայթեցնելով սպաննեց 25 ուրիշներ: Վիրաւորուեցան նաեւ 185 քաղաքայիններ: Այս յարձակումին թիրախը քիւրտ ցուցարարներ [...]
July 28th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քրիս Սարաֆեան վերջերս ստացած է Լոս Անճելըս գաւառի իրաւաբանական միութեան 2008 տարուան Արտակարգ երիտասարդ իրաւաբանի մրցանակը:
Կալուածային մարզի իրաւական հարցերու մասնագէտ Սարաֆեան մրցանակը ստացաւ Յունիս 10ին Ռիվիէրա ակումբին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթի մը ընթացքին:
Ամերիկեան, Քալիֆորնիոյ եւ Լոս Անճելըս գաւառի իրաւանաբանական միութեան անդամ Սարաֆեան նաեւ անդամ է Հայկական իրաւաբանական միութեան:
Սահուն հայերէնախօս Սարաֆեան [...]
July 28th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »