Home » September 30th, 2008Entries posted on “September, 2008”
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայերը Օպամայի համար» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան ապրող ամերիկացիները, որոնց մէջ կան յատկանշական թիւով ամերիկահայեր, կազմակերպած են Միացեալ Նահանգներու նախագահական դեմոկրատ թեկնածու Պարաք Օպամայի ընտրական յաղթանակը ապահովելու նպատակով աշխատող խմբակ մը:
«Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի նախկին պաշտօնեայ Ալեքս Սարտարի եւ խումբ մը այլ ամերիկացի քուէարկողներու գլխաւորութեամբ մէջտեղ եկած այս խմբակը դիւրացնէ քուէարկել փափաքող ամերիկացիներու [...]
September 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան կեդրոնէն ներս յանձնուեցան տեղեկատուական ճարտարագիտութեան ոլորտին վերաբերեալ Հայաստանի նախագահի ամենամեայ կրթական պարգեւները:
Հայաստանի պետական ճարտարագիտական, Երեւանի պետական Հայ-ռուսական եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարաններու 20 ուսանողներ եւ Հայաստանի ճարտարապետական հիմնարկի յենակետային վարժարանի, Ա. Շահինեանի անուան ֆիզիքամաթեմատիկական մասնագիտացած համալիրի, «Քուանթ», «Անանիա Շիրակացի», Գիւմրիի «Ֆօթօն» եւ Վանաձորի «Էւրիքա» քոլէճներու 9 աշակերտներ իրենց պարգեւները [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Քեսապը վերջին քանի մը տարիներուն, կրթական–մշակութային վերազարթօնք մը կ’ապրի։ Հաւանաբար հիմնական այն պատճառով, որ հոն եւս, ինչպէս ամէն կողմ, հետզհետէ աւելի սուր կերպով զգալի կը դառնան համաշխարհայնացման վտանգները, ու անոնց իբրեւ հետեւանք, կ’աւելնան հայապահպանման դժուարութիւնները։ Իսկ քեսապցին, ինչպէս հայկական որեւէ գիտակից հաւաքականութիւն, զգալով ժամանակի մարտահրաւէրները, իր դիմադրութեան կռուանները կ’ամրապնդէ, կ’արդիականացնէ, նորերը կը հիմնէ։
Քեսապը արեւմտահայ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հոկտեմբեր 10ին, Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս պիտի սկսի «Երեւանի օրեր» տօնակատարութիւնը՝ նուիրուած Երեւանի 2790ամեակին:
Ծրագիրը յագեցած պիտի ըլլայ մշակութային եւ մարզական շուրջ 20 միջոցառումներով, որոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ անուաթոռներով հաշմանդամներու մարաթոնը: Տօնակատարութեան փակումը նշուած է Հոկտեմբեր 11ին, Հրազդան մարզադաշտին վրայ, ուր պիտի ցուցադրուի 35 վայրկեաննոց ներկայացում՝ Երեւանի պատմութեան մասին: Ըստ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Երեխաներու մահուան համեմատութեամբ, Ատրպէյճան աշխարհի տարածքին 46րդ տեղը կը գրաւէ եւ առաջինը՝ նախկին Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ: ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ իւրաքանչիւր հազար երեխայի (մինչեւ հինգ տարեկան) մէջ մահուան 88 դէպք արձանագրուած է:
Այս մարզին մէջ լաւագոյնն է Շուէտի, Սինքափուրի, Սան Մարինոյի, Լիխթընշթայնի, Իսլանտայի եւ Անտորայի երեխաներու պարագան: Այս երկիրներուն մէջ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԹՐԱՍՊՈՒՐԿ, «Ազատութիւն ռատիօկայան».- Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մոնիտորինգի (հսկող-Խ) յանձնաժողովը երէկ Սթրասպուրկի մէջ գումարած իր նիստի ընթացքին քննարկած է Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկի վերջին զեկուցումը եւ Հայաստանի կողմէ թիւ 1609 եւ 1620 բանաձեւերու կատարման ընթացքը: Հսկող յանձնաժողովի նիստին աւարտին, Ազատութիւն ռատիօկայանի թղթակիցին հետ խօսելով՝ ԵԽԽՎի մօտ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեան [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Միացեալ հայկական ֆոնտի 149րդ թռիչքը Երեւան հասաւ Սեպտեմբեր 27ին՝ փոխադրելով աւելի քան 4 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն։
Այս թռիչքով, ֆոնտը իր կողմէ տրամադրեց 2 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, զորս նուիրած էին «AmeriCares» կազմակերպութիւնը (1.6 միլիոն տոլար արժողութեամբ) եւ Կաթողիկէ բժշկական առաքելութեան վարչութիւնը (793,000 տոլար)։
Հետեւեալ կազմակերպութիւններն ու անհատները եւս ապրանքներ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30ին կոչ ըրաւ Քոնկրէսի անդամներուն, որ արագօրէն վաւերացնեն առեւտրական շուկաները հանդարտեցնելու միտող ծրար մը, որուն մէկ օրինակը մետասաներորդ պահուն մերժուեցաւ Երկուշաբթի օր, պատճառ դառնալով, որ «Տաու Ճոնզ»ի սակարանը կրէ պատմութեան մէջ մեծագոյն անկումը (777 կէտով), սակայն ոչ տոկոսային համեմատութեամբ:
Կարգ մը քոնկրէսականներ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահական հանրապետական թեկնածու Ճան ՄըքՔէյն Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին բաց նամակ մը յղած է ամերիկահայութեան՝ փորձելով հայ քուէարկողներու աջակցութիւն ապահովել:
Յանձնախումբը կը յայտնէ, թէ թեկնածուն իր նամակին մէջ կը խուսափի պատասխանելէ Հայ Դատի յանձնախումբին վարիչ գործավար Արամ Համբարեանի կողմէ յղուած նամակին մէջ կատարուած հարցումներուն, որոնց նպատակն էր յստակացնել [...]
September 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ, Ուրուկուէյ.- «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի կայանէն Կարօ Հէքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ ՀՅԴ «Վրամեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է հրապարակային ձեռնարկ մը՝ Հայաստանի վերանկախացման 17րդ տարեդարձին առթիւ, որուն համար յատկապէս հրաւիրուած էր ՀՅԴի Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը: Բանախօսը իբրեւ վերնագիր ընտրած էր. «17 տարիներու ճշմարտութիւններ եւ մարտահրաւէրներ»:
Հէքիմեան կը գրէ. «Բաւական մեծ թիւով հայրենակիցներ ներկայ եղան այս [...]
September 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիր մը ստորագրած է Կարէն Կարապետեանը նախագահի աշխատակազմի ղեկավար նշանակելու վերաբերեալ: 47ամեայ Կարէն Կարապետեանը Ազգային ժողովի Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավարն էր: Ան չորրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ ընտրուած է:
Նշենք, որ Կարապետեան Տաւուշի շրջանէն է, ուր յայտնի է իր բարեգործութիւններով եւ սիրուած է տեղւոյն բնակչութեան կողմէ:
Ան եղբայրն է [...]
September 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը անցնող շաբաթավերջին յայտարարեց, որ արաբական պետութիւնները ամբողջովին կը մերժեն Պաղեստին-իսրայէլեան տագնապին մասնակի կամ միջանկեալ որեւէ լուծում, որովհետեւ պատմականօրէն այդպիսի լուծումները մնայուն դարձած են։
«Համապարփակ վերջնական լուծման» հասնելու համար պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեանց զօրավիգ կանգնելով հանդերձ, Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ բանակցութեանց ընթացքին «Իսրայէլէն նուազագոյնը կը սպասենք, որն է՝ կասեցումը բնակեցման [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30ին յայտարարեց, թէ Մոսկուա պիտի շարունակէ առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերել Աբխազիոյ ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ անոր տնտեսական զարգացումը ապահովելու հարցերուն:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Աբխազիոյ անկախութեան օրուան առթիւ:
Նոյն առիթով, Երեքշաբթի օր Աբխազիոյ բանակէն 1000 զինուորներու մասնակցութեամբ զօրահանդէս տեղի ունեցաւ:
Միւս կողմէ, Երեքշաբթի օր Թիֆլիս այցելեց Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Երկուշաբթի, 15 Սեպտեմբերին, Փասատինայի «Ուէպսթըրզ» հանրային վարժարանի շրջափակը խճողուած էր ՀՕՄի «Սօսէ» վարժարանի աշակերտներով, ուսուցչուհիներով, ծնողներով, դպրոցի յանձնախումբի անդամուհիներով, մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներով եւ բազմաթիւ ՀՕՄուհիներով:
Եռուզեռի մէջ էր վարժարանի բակը: Դպրոցական նախորդ տարիներէն արդէն իսկ իրարու ծանօթ աշակերտներ կարօտով կ’ողջագուրուէին, իսկ ուրիշներ նոր կը միանային անոնց: Ուրախ էին ծնողները, որոնք իրենց զաւակները վարժարանին կը յանձնէին [...]
September 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ՝ իր հրաւիրած ասուլիսին, Հայաստանի ֆինանսներու նախարար Տիգրան Դաւթեան նշեց, որ համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամը էական ազդեցութիւն պիտի չունենայ Հայաստանի ֆինանսական համակարգին, յատկապէս Հայաստանի պետական ամավարկին վրայ, բայց որոշ ազդեցութիւններ կրնան նկատուիլ երկարատեւ ժամանակահատուածի վրայ:
«Մեզ այդ ամէնից ապահովագրում է այն, որ մեր շուկայի ինտէգրուածութիւնը (համարկումը-Խ) համաշխարհային ֆինանսական շուկային լիարժէք չէ եւ մեր մասնաբաժինը [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կիրակի, Սեպտեմբեր 21ին, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան, ՀՄՄին, Հայ ամերիկեան խորուրդին եւ Կայծ երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Կլէնտէյլի Վերտուկօ հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վերանկախացման նուիրուած փառատօնը, որուն ներկայ էին հազարաւոր հայորդիներ:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, փառատօնին ընթացքին ներկայացուեցան հայկական երգն ու պարը, տեղի ունեցաւ արուեստի գործերու եւ գիրքերու վաճառք, փոքրերու յատուկ խաղեր, [...]
September 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ» .- Երեւան հրատարկուող «Երկիր» շաբաթաթերթի աշխատակից Կարինէ Մանգասարեան հարցազրոյց մը կատարած է «Արարատ» ռազմավարագիտական կեդրոնի տնօրէն, քաղաքագիտութեան դոկտոր Արմէն Այվազեանին հետ: Հարցազրոյցին իբրեւ նախաբան, մանգասարեան գրած է. «Այվազեանի կարծիքով, Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան այս առաջին փուլն անցաւ անհաւասարութեան եւ թուրքական կողմի խոշոր առաւելութեան պայմաններում: Հայաստանի դիւանագիտութեան դարպասին թուրքական կոլերի թիւը կարող է աճել, եւ առաջիկայում, նրա [...]
September 30th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Սնունդի ինքնաբաւութեան մակարդակին հետ կապուած խնդիրներու լուծումը գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կը նկատէ առաջնահերթ: Գիւղատնտեսութեան նախարար Արամայիս Գրիգորեանի խօսքերով, այս հարցին լուծման կ’օգնեն այլ երկիրներու յաջողած փորձի ուսումնասիրութիւնն ու տեղայնացումը:
Նախարարութիւնը խնդիրներ կը տեսնէ նաեւ սերմնաբուծութեան տեղայնացման ու հանրապետութեան մարզերու մէջ հակակարկտային կէտերու տեղաւորման հետ կապուած:
«Այն մի քանի կենտրոնները (հակակարկտային-Խ), որոնք արդէն գործում են, մեզ հնարաւորութիւն [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ասպարէզ օրաթերթի տարիներու վաստակաւոր լուսանկարիչը՝ ընկեր Ցոլակը, շատ ծառայասէր անձ մըն է նոյնի՛սկ իր հասուն տարիքին մէջ. բոլոր խմբագիրներն ու պաշտօնեաները կը յարգեն զինք՝ անկախ իր տարիքէն ու ծառայասիրութենէն: Ցոլակ շնչաւոր բաց մագաղաթ մըն է անցեալի վաստակաւոր իր ընկերներու պատմութեամբ: Սրամիտ է իր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ, մանաւանդ իգական սեռի ներկայութեան: «Ընկեր Ցոլակ, այսինչ ընկերոջ լուսանկարին [...]
September 30th, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
Յակոբ Վարդիվառեանի «Հանդիպումներ թիւ 3» հատորը, որ երրորդն է շարքի մը, ուր հեղինակը ընթերցողին կը ներկայացնէ իր տեսակցութիւնները Հայաստանէն ու սփիւռքէն քաղաքական, գրական, կրօնական, մանկավարժական, արուեստի գործիչներու հետ, մեծաւ մասամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շրջանակէն:
«Տեղին եւ հակիրճ հարցումներ ուղղելով, Վարդիվառեան գիրքը հետաքրքրական դարձուցած է», կ’ըսէ Արարատեան:
September 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, երէկ, Թիֆլիսի մէջ շուրջ երկու ժամ տեւող դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի հետ: Սոյն հանդիպումէն ետք, նախագահ Սարգսեան խօսքը ուղղելով լրագրողներուն՝ յայտնեց. «Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւնները գնահատում ենք բարձր, բայց ի ուրախութիւն մեզ, տեսնում ենք նաեւ մեր բարեկամութիւնը խորացնելու, տնտեսութիւններն ինտէգրելու, կոմունիկացիաներն աւելի անխափան դարձնելու [...]
September 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլիա».- Թուրք դիւանագէտ Մուրատ Պիլխանի համաձայն, Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Թուրքիոյ փորձերը ճիշդ քայլ է, բայց այդ գործընթացը ի վիճակի չէ որեւէ արդիւնքի հասնելու եւ միակ բանը, որուն կրնայ հասնիլ Թուրքիան, քաղաքական ճարտասանութեան մեղմացումն է:
«Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ պէտք է պատրաստ ըլլալ փոխզիջման երթալու, բայց ատիկա տեղի չ’ունենար: [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Ըստ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին, Իսրայէլ ծրագրած էր այս տարուան ընթացքին Իրանի հիւլէական կայանները հարուածել, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ մերժած է այդպիսի քայլի մը զօրակցիլ։
Եւրոպական դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւրներ թերթին յայտնած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ այս հարցը արծարծած է 14 Մայիսին՝ նախագահ Պուշի հետ ունեցած իր առանձնակի հանդիպումին ընթացքին։
Պուշ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆոյ».- 1985 թուականին հիմնուած Ախալքալաքի շրջանի Ազաւրեթ գիւղի ջրամատակարարման համակարգը գրեթէ ամէն տարի էական խնդիրներ կը ստեղծէր տեղւոյն բնակիչներուն համար: Գիւղացիներու խօսքերով, երկար տարիներ է, որ յիշեալ ջրատարը չի բաւարարեր բնակիչներու կենցաղային պահանջները: Բայց այսօր ազաւրեթցիներ ազատած են այս գլխացաւերէն: Շրջանային վարչութեան եւ միջազգային «Քէայի» կազմակերպութեան համատեղ ջանքերով գիւղին մէջ կը կառուցուի նոր ջրատար:
[...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Արմէնփրէս».- Յունական մամուլը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ «Kornet-F» տիպի հակահրասայլային հրթիռներու համակարգեր ծախելու Ռուսիոյ որոշումը լարուածութիւն յառաջացուցած է Աթէնքի եւ Մոսկուայի միջեւ:
Թերթերը Թուրքիոյ հրթիռներ վաճառելու Ռուսիոյ որոշումը կը կապեն հարաւային Կովկասի մէջ Անգարայի միջնորդական առաքելութեան:
Աթէնքը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ այդ որոշման պատճառով Յունաստան կը վերանայի «TOMA» տիպի զրահապատ փոխադրամիջոցներ գնելու Մոսկուայի հետ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ մօտ Շուէտի հիւպատոս Ինկմար Քարլսոն հետաքրքրական վերլուծում մը ըրած է Թուրքիոյ մասին, ըսելով, որ Թուրքիոյ աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն աշխարհիկ կարգերը արմատական կեցուածքով պահպանողները, քան արմատական կրօնապաշտութիւնը:
Քարլսոն 2001էն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կը պաշտօնավարէ ու լաւ ճանչցած է այս երկիրը։ Ան մօտ օրէն իր պաշտօնէն պիտի հեռանայ:
Քարլսոն կը պնդէ, [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Մեր փոխադրուելու պատմութիւնը հաւանաբար ձանձրացուց ձեզ: Այդ մասին չէ, որ պիտի անդրադառնանք այսօր: Իրականին մէջ, այս սիւնակէն ներկայացնելու համար մէկ այլ հարցի վերաբերեալ սկսուած ակնարկի նիւթը փոխուեցաւ՝ խմբագրատուն այցելած հին ընկերոջ մը՝ Ֆրէտ Վարդանեանին դառն մէկ խորհրդածութեան դրդումով:
Ուծացումի ու ձուլումի յաւերժական ցաւն էր, որ կ’ուզէր ընկերս կիսել հետս: Արեւմտեան կամ արեւելեան աշխարհները, ամէնուր բացի [...]
September 30th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Երկու-շաբթի օր, լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի ղարաբաղեան հակամարտութեան խնդրով յատուկ ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտարարած է, թէ իր երկիրը կը պաշտպանէ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բոլոր նախաձեռնութիւնները, եթէ անոնք լուծում կ’ապահովեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ծիրէն ներս: Մեկնաբանելով Իրանի միջնորդական նախաձեռնութիւնները՝ ան յայտնած է. «Մենք դրական ենք գնահատում Ատրպէյճանի տարածքային [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալած է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմական առաջնորդներ, Միւռոնօրհնութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարք Պարթոլիմէոս Ա. եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները: Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն տեղեկացուցին, որ ողջունելով հիւրերը՝ հանրապետութեան նախագահը ըսած է. «Միւռոնը մեզ համար իւրայատուկ խորհրդանիշ ունի. այն մեր ազգային [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- «Արմինիա Նաու» (ArmeniaNow) համացանցային լրատու գործակալութենէն առնուած այս յօդուածը հետաքրքրական է եւ յուսատու, մանաւանդ, երբ նկատի առնենք, որ այս գործակալութիւնը յայտնի է իբրեւ անկախ եւ անկողմնակալ լրատուամիջոց:
Ղարաբաղում նախագահ Բակօ Սահակեանին երբեմն անուանում են «շինարար»: 2007թ. Յունիսին նրա նախագահ ընտրուելուց յետոյ շինարարութեանը սկսեցին աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել ինչպէս քանակի, այնպէս էլ որակի առումով: Այստեղ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԺՈՏՓՈՒՐ, Հնդկասատան, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30ին, արեւմտեան Հնդկաստանի հինտու ուխտավայրներէն մէկուն մէջ ստեղծուած իրարանցումի մը հետեւանքով, առնուազն 168 ուխտաւորներ ոտնակոխուելով մահացան, մինչ հարիւրաւոր ուրիշներ վիրաւորուեցան: Անոնց մէկ մասը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Մօտաւորապէս 12,000 ուխտաւորներ ներկայ էին Ռաճասթան նահանգին մէջ տեղի ունեցող ուխտագնացութեան: Իրարանցումը հետեւանք էր սուտ ահազանգի մը, թէ ական մը զետեղուած է [...]
September 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆօ».- Բաւական երկար ժամանակէ ի վեր Ախալքալաքի թիւ 2 շրջանային մանկապարտէզէն ներս վերանորոգման աշխատանքներ կը տարուին: Կը բարեկարգուի շինութեան առաջին յարկի խմբասենեակներէն մէկը, որ շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր: Կառոյցի վերանորոգման աշխատանքները կը տարուին Ախալքալաքի Շրջանային վարչութեան ֆինանսական օժանդակութեամբ:
Բանուորներու խօսքերով, վերանորոգման հիմնական աշխատանքները աւարտած են: Ապագայ խմբասենեակը արդէն ունի նոր պատուհան, տարածքը [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սեպտեմբեր 17- 21ի միջեւ Հայաստան տեղի ունեցած է համահայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներու 4րդ համաժողովը՝ «Աշխարհի հետ՝ մեր ինքնութեամբ, Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է» խորագիրով:
Համաժողովին մասնակցած են շուրջ 50 ներկայացուցիչներ՝ Սփիւռքի 13 երկիրներէ, ինչպէս նաեւ՝ հայաստանեան լրատուամիջոցներու ղեկավարներ:
Ամփոփելով համաժողովի արդիւնքները՝ երէկ կայացած ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան մեծապէս շեշտեց համաժողովին [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ-թրքական յարաբերութիւնները, որոնք գոյութիւն չեն ունեցած աւելի քան 90 տարիէ ի վեր, այժմ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կատարած քայլով, մտած են նոր միջպետական հանգրուան: Նման կարծիք յայտնեց Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ կազմակերպուած «Սեւրի վիճարկելի պայմանագրի Հայաստանին վերաբերող մասի վերարծարծման հնարաւորութիւնները հայ-թրքական միջպետական յարաբերութիւններում» նիւթով գիտաժողովին ընթացքին, Ազգային միասնութեան ուխտ կուսակցութեան ղեկավար Ռաֆիկ Համբարձումեանը, [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ իբրեւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին նախագահ, երէկ ստորագրեց հրամանագիր, ըստ որուն հիմնադրամի գործադիր վարչութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Արա Վարդանեանի լիազօրութիւնները կ’երկարաձգուին մինչեւ Դեկտեմբեր 31:
Իր կարգին, Վարդանեան յայտարարեց, թէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով ի գործ դրուած են եւս քանի մը կառոյցներ՝ Հադրութի ու Սպիտակաշէնի ջրատարները եւ Տող գիւղի հիմնանորոգուած դպրոցի շէնքը:
Այդ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Չաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան կը յայտնէ, թէ Չաւախքի համար առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներ գոյութիւն ունին: Անոնցմէ գլխաւորներէն են ազգային խտրականութեան բացառում, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աւելի լայն լիազօրութիւններ, պատմամշակութային արժէքներու վրացականացման դադրեցում, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գոյութեան իրաւասութիւն, բարեգործական, դրամաշնորհային եւ այլ ծրագիրերու մէջ ջաւախքահայութեան ընդգրկում, պետական եւ գործառնական ներդրումներու իրականացում, հողի եւ այլ անշարժ [...]
September 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Սեպտեմբեր 28ին, իսրայէլեան բնակեցման շարժումին սուր քննադատ մը վիրաւորած ականահարումէ մը ետք, Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնէն հրաժարած Էհուտ Օլմերթ խստօրէն քննադատեց երկրին մէջ արմատ նետած ծայրայեղութիւնը, աւելցնելով, թէ այդ ալիքը կը սպառնայ Իսրայէլի ժողովրդավարութեան։
Օլմերթ իսրայէլեան կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնեց, որ ոստիկանութենէն պահանջած է կարելի եղածին չափ շուտ ձերբակալել «Իսրայէլ» մրցանակին տիրացած [...]
September 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Յուլիս 2008ին, Քանատայի մէջ հրատարակուեցաւ Լալա Մանճիկեանի անգլիատառ նոր գիրքը՝ «Հաւաքական յիշողութիւն եւ տուն՝ Սփիւռքի մէջ. Մոնրէալի հայկական համայնքը» խորագիրով։
Գիրքը կը քննարկէ հայկական համայնքի կեդրոններուն՝ յարաբերաբար Մոնթրէալի տեղական բնակավայրին, հեռաւոր հայրենիքին եւ հայկական մնացեալ Սփիւռքին ունեցած դերակատարութիւնը:
Հիմնուելով Մոնթրէալի երկու համայնքային կեդրոններուն մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն վրայ՝ այս գիրքը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ այդ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, ինչպէս ակնկալուած էր, Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Յովիկ Աբրահամեանը՝ փակ-գաղտնի քուէարկութեամբ:
115 պատգամաւորներէն, ան ստացած է 110 ձայն, իսկ միւս թեկնածուն՝ Ժառանգութիւն խմբակցութեան անդամ Լարիսա Ալաւերդեանը՝ 5 ձայն:
Իբրեւ նորընտիր պատգամաւոր, Աբրահամեան ԱԺ ամպիոնէն կատարեց երդումը, ապա ներկայացուց ԱԺ աշխատանքներու կազմակերպման վերաբերեալ իր ծրագրային դրոյթները: Ան փոխադարձ յարգանքի, [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպած են ԱԺ նախագահի պաշտօնին համար Տիգրան Թորոսեանը փոխարինող Յովիկ Աբրահամեանին հետ: Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան լրագրողներուն յայտնած է, որ 1.5 ժամ տեւած այս հանդիպումի ընթացքին իրենք բազմաթիւ հարցեր ներկայացուցած են խորհրդարանի ապագայ նախագահին, հարցեր, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն Ազգային ժողովին, այլեւ՝ կառավարութեան վերջին ամիսներու գործունէութեան: Մասնաւորապէս, ըստ Զ. [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպած են ԱԺ նախագահի պաշտօնին համար Տիգրան Թորոսեանը փոխարինող Յովիկ Աբրահամեանին հետ: Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան լրագրողներուն յայտնած է, որ 1.5 ժամ տեւած այս հանդիպումի ընթացքին իրենք բազմաթիւ հարցեր ներկայացուցած են խորհրդարանի ապագայ նախագահին, հարցեր, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն Ազգային ժողովին, այլեւ՝ կառավարութեան վերջին ամիսներու գործունէութեան: Մասնաւորապէս, ըստ Զ. [...]
September 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Թիֆլիս:
Հայաստանի նախագահը Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ առանձնազրոյց պիտի ունենայ Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիպի Վրաստանի խորհրդարանի նախագահի ու արտաքին գործոց նախարարի հետ:
Թիֆլիսի պետական համալսարանի մէջ Հայաստանի նախագահը պիտի հանդիպի դասախօսական կազմի եւ ուսանողներու հետ, ապա նախագահ Սարգսեանին պիտի շնորհուի [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ան գոհ է Ամերիկա կատարած իր այցելութեան արդիւնքներէն, որուն ժամանակացոյցը բաւական յագեցած եղած է ջերմ եւ արդիւնաւէտ հանդիպումներով: Հայ համայնքի հետ հանդիպման մասին նախագահը յայտնած է. «Ես հպարտ եմ, որ մենք զօրաւոր եւ ուժեղ հայրենակիցներ ունենք աշխարհի ամենահզօր երկրում՝ ԱՄՆում»: Սակայն, ան հաստատեց, որ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանին կողմէ, Քրիստոնէական դաստիարակութեան տարուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 23 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Դասախօսն էր Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։ Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ, Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սարալանջի մայրուղին եւ անոր մուտքը ապահովող ու Աբովեան պուրակը Միասնիկեան պողոտային կապող ճանապարհային երկմակարդակ անցը երէկ հանդիսաւորութեամբ ի գործ դրուեցաւ: Մայրուղիի սկզբնամասին, Միասնիկեան պողոտայէն սկիզբ առնող փապուղիին մօտ, խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը կտրեցին Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ու երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը:
Սարալանջի մայրուղին կառուցուած է «Լինսի» հիմնադրամի կողմէ: Աբովեան պուրակը Միասնիկեան պողոտային [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԷՉՄԻԱԾԻՆ, «Արմէնփրէս».- Հայրապետական շուքով զգեստաւորուած Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ եւ 12 եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի նախագահներու, ինչպէս նաեւ պետական այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Էջմիածին ժամանած միջեկեղեցական 12 պատուիրակութիւններու, արտասահմանեան դիւանագէտներու. միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականութեան, սփիւռքահայ հիւրերու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Մայր աթոռ Ս. [...]
September 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին ամերիկացի օրէնսդիրներ կրցած էին նախնական համաձայնութիւն մը գոյացնել 1929ի տնտեսական նահանջէն ի վեր ելեւմտական մեծագոյն տագնապը լուծելու 700 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագրին շուրջ՝ կառավարութեան ներկայացուցած առաջարկին մէջ որոշ փոփոխութիւններ մտցնելէ ետք:
Սակայն, Ներկայացուցիչներու տունը Երկուշաբթի յետմիջօրէին անակնկալօրէն որոշեց մերժել ծրագիրը՝ իրարանցում մը պատճառելով ելեւմուտքի շուկաներուն մէջ: Ծրագրին ի նպաստ քուէարկեցին 205 [...]
September 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Անցեալ շաբթուան ընթացքին Սուտանի ծովեզերքը ռուսական հրասայլեր փոխադրող նաւ մը առեւանգած սուտանցիներ, անցնող շաբաթավերջին 35 միլիոն տոլարէն 20 միլիոն տոլարի իջեցուցին նաւուն անձնակազմն ու հրասայլերը վերադարձնելու փոխարէն՝ իրենց պահանջած փրկագինը:
Անցնող շաբաթավերջին նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ նաւուն անձնակազմին անդամներէն մէկը մահացած է, մինչ 20 ուրիշներ, որոնց մէջ կան ուքրանացիներ, ռուսեր եւ լաթվիացիներ, բանտարկուած [...]
September 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի Փոքրիկ Հայաստան փոխադրութեան առաջին հանգրուանը աւարտած է: Մէկ շաբաթ է արդէն, որ «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կ’աշխատի նոր շէնքին մէջ եւ շնորհիւ տնօրէնութեան ստեղծած յարմարութիւններուն, նոյնիսկ վերջնական կայան չհասած վիճակի մէջ իսկ, հնարաւոր եղած է աշխատանքային յարմար պայմաններ ապահովել:
«Հորիզոն»ին վիճակը քիչ մը աւելի բարդ է: Կայանին հետեւող մեր հայրենակիցները կը տեսնեն արդէն, որ այս ալիքէն [...]
September 29th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուներ իրենց առաջին բանավէճին ընթացքին արտաքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան հարցերով յարձակում գործեցին իրարու վրայ։
Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը փրկելու 700 միլիառ տոլարի ծրագիրը հանրապետական իշխանութեան տարիներուն դէմ արձակուած «վերջին վճիռն» է եւ յիշեցուց, թէ տնտեսական տագնապը հետեւանք է հանրապետական իշխանութեանց որդեգրած անպատասխանատու քայլերուն:
[...]
September 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան չ’աճապարեր վերադառնալու քաղաքական ասպարէզ: Այս մասին ան յայտնեց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, աւելցնելով, որ տակաւին չէ յոգնած երկար սպասուած իր ազատութենէն: «Վերջին վեց ամսուայ ընթացքում, այսօր ես երկրորդ անգամ եմ փողկապ կապում», յայտնեց նախկին նախագահը, աւելցնելով, որ եթէ իր մօտ քաղաքական կեանք վերադառնալու փափաք յառաջանայ, ապա այդ մասին ինք անձամբ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՕՆԹԱՐԻԱ.- Քանատայի Հորիզոն շաբաթաթերթէն կ’իմանանք, թէ թերթին յղուած յատուկ լրատուութիւն մը կը հաղորդէ, որ Օնթարիօ նահանգի Մարքամ Եունիընվիլ շրջանի հայ համայնքը Շաբաթ, 13 Սեպտեմբերին իր զօրակցութիւնը յայտնած է շրջանի Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու Տանգըն Ֆլեչըրի, վերջինիս ընտրապայքարի արշաւին յատուկ գրասենեակի բացման արարողութեան ընթացքին։
Հայ համայնքին զօրակցութիւնը յայտնած են Քանատայի Հայ Դատի եւ Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբերը, [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան երէց մասնաճիւղերու մարզախաղերուն շաբաթավերջը առաջին անգամ ըլլալով Սան Տիէկոյի մէջ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 19-20ին՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ:
Մարզախաղերուն բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ օր առաջնորդին աղօթքով: Բացման աղօթքէն ետք, սրբազան հայրը տուաւ իր խանդավառ պատգամը, ուր անդրադարձաւ Սեպտեմբեր 14ի երեկոյեան առաջնորդարանէն ներս կազմակերպուած համագաղութային ճաշկերոյթ-տօնախմբութեան:
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Փասատինայի Հայ Դատ յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս կազմակերպած է ժողովրդային հաւաք մը, որուն ընթացքին Կլէնտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան խօսեցաւ, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր ամերիկացի, ներառեալ անշուշտ ամերիկահայութիւնը, պատասխանատուութիւնը ունի մասնակից դառնալու տեղական քաղաքական կեանքին:
Հաւաքին ներկայ էին համայնքին տարեց եւ երիտասարդ անդամները, ինչպէս նաեւ՝ երկարամեայ գործիչներ ու [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Գրած նոր վէպին անտիպ մնալը, մղձաւանջը պիտի դառնար արձակագիր Գիրգորին։ Անիկա համոզուած էր, թէ այս գործը կոչուած էր իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը դառնալու։ Միթէ հինէն ի վեր, ամէն գրող այդ երազ-զառանցանքը չէ՞ր ապրած եւ այսպիսի հիւանդագին պատրանքներ չէ՞ր սնուցած:
Ի դէպ, երեկուան լակոտը ու միամիտը չէր գրող մեր բարեկամը։ Սա կեանք կոչուածը իր լիութեամբ ապրած, լաւն [...]
September 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Մեր գործընկեր «Մարմարա»էն իմացանք, թէ Յուշարձաններու պահպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը արտօնութիւն շնորհեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին նորոգելու ուղղութեամբ ներկայացուած դիմումին։
Թերթը կը հաղորդէ, թէ Զատիկ Թօքէրի նախագահութեամբ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ ձեռնարկեց բարենորոգման աշխատանքներուն։ Նորոգութիւնը սկսաւ ձեղունէն։ Նորոգութեան նախաձեռնարկ յանձնախումբը նախատեսած է ծախսերը դիմագրաւել Թաղային խորհուրդներու եւ պոլսահայ բարեսէր ազգայիններու աջակցութեամբ։
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցած է Ստեփանակերտի Սպայի տան մէջ հայաստանեան քանի մը համալսարաններու ուսանողներու հետ:
Հայաստանցի ուսանողներ Արցախ ժամանած էին «Պէյզ մեթըլս» ընկերութեան հրաւէրով: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է նման այցելութիւններու կազմակերպումը եւ նշած՝ անոնց օգտակարութիւնը Արցախի շէնացման գործին:
Անմիջական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ընթացքին ուսանողները բազմաթիւ հարցումներ ուղղած [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկութեան մէջ երէկ սկիզբ առին «Համատեղ աղեղ, Համատեղ նիզակակիր-2008» զօրավարժութիւնները, որուն կը մասնակցին ՆԱԹՕի «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան», «Միջերկրական երկխօսութեան», եւ «Սթամպուլի համագործակցութեան նախաձեռնութեան» մասնակից պետութիւնները:
Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին 17 պետութիւններու բանակներէն շուրջ 900 զինուորներ: Վրաստան չի մասնակցիր այս փորձերուն: Զօրավարժութիւններու բացման արարողութեան ընթցաքին խօսք առնելով՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Սեպտեմբեր 27ին, Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրին մէջ, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար: Մինչ արարողութիւնը՝ ծաղկեպսակ դրուեցաւ յուշահամալիրին առջեւ:
Հոգեհանգիստի ընթացքին հայոց նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար իրենց մայրենի լեզուներով առ Աստուած աղօթեցին նաեւ Միւռոնօրհնութեան տօնակատարութիւններու առիթով մայր աթոռ ժամանած քրիստոնէական 12 քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:
«Մենք [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան կրօնական ժողովին եւ կազմակերպութեամբ դպրաց դասերու յանձնախումբին, Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2008ի երեկոյեան, Ժիպէյլի «Ռահիպաթ Քորպան» վանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ դպրաց դասերու համագումարին:
Սոյն համագումարին մասնակցեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերու աւելի քան 80 անդամ-անդամուհիներ:
Համագումարը կը կրէ «Եկեղեցին [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ատրպեճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը, վկայակոչելով «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը՝ կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ Թուրքիոյ Հայաստանի նկատմամբ օդային հաղորդակցութեան հարցին մէջ պիտի կիրարկէ նոյն օրէնքները, զորս կը կիրարկէ միւս երկիրներուն նկատմամբ: Թուրքիա, վրացական-ռուսական տագնապին իբրեւ արդիւնք, Արեւմուտքի երկիրներուն հետ օդային կապերը կորսնցուցած Հայաստանի համար լիովին բանալով իր օդային սահմանները՝ տագնապէն ետք ալ հայկական օդանաւերու թռիչքներուն համար սահմանափակումներ պիտի չկիրարկէ: [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ, Փենսիլվանիա.- «Հայեր Օպամայի համար» կազմակերպութեան անդամ Անի Յակոբեան, ինչպէս նաեւ ՀԵԴի Ֆիլատելֆիոյ ուխտին գործօն անդամներէն Քարին Քէշկէկեան վերջերս Փենսիլվանիոյ Տէլըուէր գաւառին մէջ դուռէ դուռ այցելած են՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով Միացեալ Նահանգներու նախագահական դեմոկրատ թեկնածու Պարաք Օպամայի ընտրապայքարին մէջ:
«Հետաքրքրական էր մասնակից դառնալ նման ճակատագրական նահանգի մը ընտրարշաւին», յայտնած է Յակոբեան, որ աւելցուցած է, թէ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Ուիլեըմ Սարոյեանի հարիւրամեակի տօնակատարութեանց ծիրէն ներս Հայ թատերական արուեստներու միութեան կազմակերպած Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան թատերական գործերու մրցանքին աւարտական հանգրուան հասած երեք թատերգութիւններուն ընթերցումները տեղի ունեցան Օգոստոս 25-27ին, «Ֆաունթըն» թատերասրահին մէջ:
Յիշեցնենք, թէ աւարտական հանգրուան հասած երեք թատերգութիւններն էին Քրիսթըն Լազարեանի «Ֆլէշ էնտ թէնտըրնէս»ը, Մէթիու Եալտըզեանի «Տը լիվինկ էնտ տը տէտ»ը եւ Լիլի Թոմասեանի «Նատիա»ն: [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, Թրիփոլիի մէջ զինուորական փոխադրակառքի մը դէմ տեղի ունեցած ականահարումի մը հետեւանքով, առնուազն չորս զինուորներ եւ քաղաքային մը սպաննուեցան եւ արձանագրուեցան 17 վիրաւորներ։
«Էյ.Էն.Պի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ականահարումին համար օգտագործուած ինքնաշարժին տէրը ձերբակալուած է ապահովական մարմիններուն կողմէ։
Յարձակումը բանակայիններուն վրայ երկրորդն էր Թրիփոլիի մէջ, վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին: Արդարեւ, Օգոստոս [...]
September 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս»,- Նիւ Եորք գտնուած ընթացքին, հանդիպելով արտասահման բնակող թուրքերու եւ ատրպեճանական ընկերակցութիւններու անդամներու հետ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտարարած է. «Քանի դեռ Հայաստանը չի ազատել բռնազաւթուած ատրպեճանական հողերը, այդ երկրի հետ սահմանների բացման մասին խօսք լինել չի կարող»:
Հանդիպման քննարկուած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Թուրք-Հայաստանեան յարաբերութիւնները:
Ատրպեճանական ընկերակցութեան նախագահ Զամինա Միրխատիեւան ատրպեճանական համայնքի [...]
September 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆօ».- Չաւախքի բազմաշերտ խնդիրներու շարքին, մայրենի լեզուի եւ ազգային մշակոյթի պահպանումը միշտ ալ առաջնահերթ եղած է: Չաւախքահայերը յաճախ յստակօրէն յայտնած են իրենց դիրքորոշումը՝ այս խնդրին հետ կապուած. վրացերէնի ուսուցումը երբեք պէտք չէ ըլլայ հայերէնի հաշւոյն:
«Պէտք է հասկանալ, որ ճնշմամբ խնդիրները երբեք լուծում չեն ստանում: Մենք ազգութեամբ հայ ենք, հայկական մշակոյթի կրողներ, եւ վրացերէնին [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկ երէկ հրապարակած է Յուլիս 13-15 Հայաստան կատարած այցելութեան վերաբերեալ իր եզրակացութիւններու ամփոփումը՝ նախագահական ընտրութիւններուն հետեւած հանրահաւաքներու ընթացքին բռնի իրադարձութիւններու հետաքննութեան առաջընթացը գնահատելու նպատակով:
«Կայ ազատազրկուածների վերաբերեալ գոհացնող լուծման հասնելու եւ Մարտի իրադարձութիւնների համար մեղաւորներին պատասխանատուութեան կանչելու հրատապ անհրաժեշտութիւն», նշուած է զեկոյցին մէջ: «Ազատութիւնից զրկուած անձանց իրավիճակը շարունակում է [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին, թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ եւ ի ներկայութեան դիւանատան բարերարներ Ճոզէֆ եւ Ալիս Տորեանի, յատուկ արարողութեամբ եւ աղօթքով պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ առաջնորդարանի դիւանատան:
Սրբազան հայրը իր օրհնութեան եւ գնահատութեան խօսքը փոխանցեց յարգարժան բարերարներուն: Տորեաններ դիւանատունը ձօնեցին ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ ծնողներուն (Խաչատուրեան եւ Էհրամճեան): Սրբազան Հայրը աղօթեց անոնց հանգուցեալ ծնողներու հոգիներուն [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Սեպտեմբեր 28ին Երեւանի Կեդրոն եւ Նոր Նորք համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած են համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններ՝ լարուած մթնոլորտի մէջ:
Կեդրոն համայնքի ղեկավարի պաշտօնին ընտրութեան քուէարկած են շուրջ 38,000 ընտրողներ. գործող թաղապետ, Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Գագիկ Բեգլարեան յաղթական յայտարարուած է՝ ստանալով 22,369 ձայն, իսկ 1996-2002 ժամանակամիջոցին համայնքը ղեկավարած ՀՀՇ վարչութեան նախագահ Արարատ Զուրաբեան՝ 8,085 ձայն:
Նոր Նորք [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան 17րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Սեպտեմբեր 21ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք:
Տէր Վարազդատ քհնյ. Տէրտէրեանի ձեռամբ մատուցուող Ս. պատարագին ներկայ էին Իրանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Կարէն Նազարեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը, Ազգային իշխանութեան, մարմիններու եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով [...]
September 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Մարմարա» օրաթերթը, իր երէկուան թիւով հրատարակած է Ամպէրին Զամանի հարցազրոյցը Ցեղասպանութեան Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանին հետ, ուր գլխաւորաբար արծարծուած է Թուրքիոյ համար հանրապետութեաբ հայր նկատուող Քեմալ Աթաթիւրքի հայերու հանդէպ ցուցաբերած վերաբերմունքին: Ստորեւ սոյն հարցազրոյցի թարգմանութիւնը՝ «Մարմարա»յէն առնուած: Այս նոյն հարցով նաեւ տես «Ազգ»ի ակնարկ-լրատուութինը:
Ամպէրին Զաման, որ տարւոյն կէսը Երեւանի մէջ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՔԱՐՍԸՆ, «Էյ.Փի.».- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27ի երեկոյեան, «Չիվազ» ֆութպոլի խումբին մաս կազմող Ալեքօ Իսքէնտէրեան նշանակեց կօլ մը՝ 2-1 արդիւնքով յաղթանակի մը առաջնորդելով իր խումբը՝ «Ուիզըրտզ» խումբին դէմ:
Ան նախորդ մրցումին եւս նշնակած էր խումբին յաղթանակի կօլը: Վիրաւորուած ըլլալով՝ ան այս տարեշրջանին ցարդ կրցած է կատարել միայն 7 մրցում, որոնց ընթացքին ան նշանակած է չորս կօլեր:
September 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Անգլիական «Էքոնոմիստ» հանդէսը ի զուր է փորձում արդարացնել նրան (Աթաթուրքին-Խ)», կը գրէ «Ազգ» թերթի աշխատակից Յ. Չաքրեան՝ անդրադառնալով «Էքոնոմիստ»ի Սեպտեմբեր 26ի թիւին մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւնները լուսարձակի տակ առնող յօդուածին:
Ստորեւ սոյն անդրադարձը՝ ամբողջութեամբ:
Սեպտեմբերի 26ի համարում հայ-թուրքական յարաբերութիւններին անդրադարձել է նաեւ անգլիական «Էքոնոմիստ» հանդէսը, եւ ինչպէս վկայում է BBC-ն, գրել է. «Ժամանակակից Թուրքիայի հիմնադիր Քեմալ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Էդուարդ եւ Հելէն Մարտիկեան հիմնադրամը, որ Ամերիկայի մէջ գործող բարեսիրական կազմակերպութիւն մըն է, Հայաստանի օգնութեան ֆոնտին (ՀՕՖ) նուիրած է մէկ միլիոն տոլար, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի ՀՕՖի երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի ծրագիրներու իրականացման:
Անցեալ Շաբաթ օրը, այս կեդրոնին մէջ վարչապետ Տիրգան Սարգսեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի արեւելեան թեմի թեմակալ առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի եւ [...]
September 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 27ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը պատճառեց առնուազն 17 զոհ եւ 14 վիրաւոր։
Ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնեց դէպի Դամասկոսի միջազգային օդակայան առաջնորդող գլխաւոր ճամբուն վրայ տեղի ունեցած ականահարման պատասխանատուութիւնը, սակայն Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարը զայն նկատեց ահաբեկչական արարք մը, նշելով, որ հետաքննիչները կը կարծեն, թէ անոր ետին իսլամական [...]
September 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի Սեպտեմբեր 25ի նիստին իր ելոյթէն եւ բազմաթիւ հանդիպումներէն ետք, նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է ամերիկեան թեմի առաջնորդարան, Նիւ Եորքի Սբ. Վարդան եկեղեցին: Սերժ Սարգսեան ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ մասնակցած է Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի կողմէ՝ ի պատիւ նախագահին կազմակերպուած ճաշկերոյթին:
Օրուան երկրորդ կէսին, նախագահը այցելած է ՄԱԿի [...]
September 26th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Յաճախ ականատես կ՚ըլլանք մեր ծնողներու մտահոգութեան եւ նախանձախնդրութեան՝ կապակցաբար մեր վարժարաններու ուսումնական եւ կրթական մակարդակի իրավիճակին եւ անոնց յաջողութեան արդիւնքներուն։ Ծնողներ կը խօսին կարգ մը դպրոցներու յաջողութեան մասին եւ կը սահմանեն դպրոցի մը յաջողութեան նախապայմանները։ Անոնք լաւ կամ վատ վերագրումներ կ’ընեն դպրոցներու հասցէին, բաղդատական եզրեր կը գտնեն անոնց միջեւ եւ յաջող կամ ձախող ըլլալը կը [...]
September 26th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Դէմ յանդիման կլոպալացած դրամատիրութեան թերեւս ամենէն սուր ֆինանսական տագնապին, Ճորճ Պուշի գեր-նէօլիբերալ կառավարութիւնը, որ անցեալին կտրուկ մերժած էր որեւէ կարգի միջամտութիւն տնտեսական ոլորտին մէջ, Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթավերջին հրապարակ ելաւ իր հիմերէն խախտող դրամատնային համակարգի փրկութեան ծրագրով մը: ԱՄՆի Գործադիր Խորհուրդի որոշումը, որ յայտարարուեցաւ Հինգշաբթի 18 Սեպտեմբերին, Լեհման Պրատըրզ դրամատան սնանկացման պաշտօնականացումէն չորս օր անց, իր [...]
September 26th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՄՈՆԹԵՊԷԼԼՕ.- Ս. Խաչ Հայց. առաքելական Մայր տաճարի Տիկնանց օժանդակ մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան տօնական «պութիք»ը եւ ճաշերու «պազար»ը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբեր 2ին, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4, եկեղեցւոյ նորոգուած Բաղրամեան սրահին մէջ (900 West Lincoln Ave.): Ներկաները իրենց գնումներուն ընթացքին առիթը պիտի ունենան ճաշակելու հայկական ճաշեր:
Մուտքը ազատ է: [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի նախարարաց խորհուրդը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25ին Թուրքիայէն պահանջեց անյապաղ ենթարկուիլ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի բոլոր վճիռներուն, անընդունելի համարելով այն իրողութիւնը, որ 1996-2008 թուականներուն ընթացքին Թուրքիոյ դէմ արձակուած վճիռներէն 175ը չեն գործադրուած: Եւրոյանձնաժողովը նաեւ զգուշացուց, որ այլապէս՝ ան պարտադրուած պիտի ըլլայ պատժական քայլերու դիմելու:
Թուրքիոյ դէմ վճիռները կ’առնչուին այդ երկրէն ներս գործադրուած մարդկային իրաւունքներու [...]
September 26th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Այնքան կարեւոր եւ կենսական է այս բառը: Մարդկային ուղեղը կը ծառայէ մարդուն մինչեւ վերջին շունչ: Անոր պարգեւած հաւասարակշռութիւնը կը հարթէ մեր կեանքի ճանապարհը: Ուղեղին առողջութիւնը շատ կարեւոր է: Բաւարար քունը, հաւասարակշռուած եւ ճիշդ սննդականոնը եւ մաքուր օդը մեծապէս կը նպաստեն մեր ուղեղին աշխատանքին ու առողջութեան: Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, երբեմն կը վնասենք մեր ուղեղին անզգայաբար [...]
September 26th, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կրօնական արարողութեամբ եւ աւանդական շուքով տօնուեցաւ Ս. Խաչի վերացման տօնը ու Մուսա լերան հերոսամարտի 93րդ ամեակի տօնակատարութիւնը, Կիրակի, Սեպտեմբեր 14ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Անոնք եկած էին ներկայ գտնուելու Խաչվերացի հոգեպարար արարողութեան ու յարգելու յիշատակը Մուսա Լերան ճակատամարտին զոհուած 18 նահատակներուն:
[...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼՈՍ.- Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով՝ յայտնած է. «Այլ երկրի մը վրայ յարձակում գործելու համար ամերիկեան ուժերու Թուրքիոյ մէջ ներկայութիւնը անընդունելի է։ Թուրքիա դրացի երկիրներուն դէմ յարձակում գործելու զօրակայան մը չէ»։
Լրագրողը հարց տուած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ գտնուող ՆԱԹՕի զօրակայանները կարելի՞ է Իրանի դէմ յարձակումի [...]
September 26th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի բարեկամներու կազմակերպութեամբ, քաղաքին ոստիկանութեան հանրային կեդրոնին մէջ (131 N. Isabl St.) տեղի պիտի ունենայ Կայլզ Միլթընի «Փէրըտայզ Լոսթ. Իզմիր 1922» հատորին ներկայացումը:
Ականատեսներու տեղեկութեանց վրայ հիմնուած հատորը նուիրուած է Իզմիր ներխուժած թրքական բանակին գործադրած ջարդերուն, որոնց զոհ գնաց նաւահանգիստի յոյն եւ հայ բնակչութիւնը:
Ձեռնարկը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին, Տիկնանց միութեան Կեդրոնական խորհուրդը կազմակերպեց կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Տիկնանց միութեան հոգեւոր հաւաք մը, որ տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Գլխաւոր նիւթն էր «Ս. հոգիին դերը մեր առօրեայ կեանքէն ներս»: Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան ներկայացուց առաջնորդը: Շրջանի եկեղեցիներէն 20 տիկիններ մասնակցեցան հաւաքին:
Բացման խօսքը կատարեց Տիկնանց միութեան Կեդրոնական խորհուրդի [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ, ՖՐԵԶՆՕ.- Շ. եւ Է. Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանը 150,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը ստացաւ Լինսի հիմնարկէն։
Ճէյ Ռաքով, հիմնարկին նախագահը, իր նամակին մէջ կը նշէ, որ այս նուիրատուութիւնը եղած է վարժարանիս՝ հիմնուած անոր 2008-2009 տարեշրջանի կարիքներուն վրայ։
«Մերտինեան»ի մեծ ընտանիքը երախտապարտ է Լինսի հիմնարկին, որ նիւթական իր աջակցութեամբ զօրավիգ կը հանդիսանայ մեր վարժարանին, [...]
September 26th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տնտեսական լրագրողներու ակումբը՝ «Հայէքոնոմպանքի» աջակցութեամբ, հրատարակած է տնտեսագիտական եզրաբանութիւններու բացատրական բառարան մը, որուն մէջ ընդգրկուած են 400է աւելի տնտեսագիտական գործածելի դարձուածքներ: Երէկ, բառարանի ներկայացման ընթացքին խորհրդատու խմբագիր Աշոտ Մարկոսեան յայտարարեց, թէ յառաջիկային կը նախատեսուի կազմել նաեւ տնտեսագիտական նոր դարձուածքներ ընդգրկող բառարաններ:
September 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբերի երեկոյեան արտասովոր եռուզերի մէջ էր Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնատեղին: Անցեալի Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներ եւ յատկապէս մասնաճիւղերու նորընտիր վարչական կազմեր, արձագանգելով ՀՕՄի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան հրաւէրին, փութացած էին կեդրոն, մասնակից դառնալու առաջին զեկուցական ժողովին: Սրահ ներկայացող ընկերուհիները ուրախութեամբ կը շնորհաւորէին զիրար եւ անցեալի քաղցր յիշատակներով, գործակցութեան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէին:
Ժամը [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութեան Հանրային յարաբերութեանց գրասենեակը կը հաղորդէ, որ «Հայաստանի անկախութեան վերականգնման տօնին առիթով Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22ին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց Լոս Անճելըսում ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսարան, ուր ընդունուեցին գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանի կողմից։ Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան անդամները, որին մաս էին կազմում Մարտիկ Կապուտեանը, Արամ Գալուստեանը եւ Յովան Թաշճեանը [...]
September 26th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայաստանի Ազգային ժողովը ներկայիս նախագահ չունի: Խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տիգրան Թորոսեանը, Աժ նախագահի պաշտօնէն հրաժարելու իր առաջին դիմումը ԱԺին ներկայացուցած էր Սեպտեմբեր 19ին. այդ թուականէն հինգ օր ետք, ըստ օրէնքի ան երէկ իր երկրորդ դիմումը ներկայացուցած է ԱԺի փոխնախագահ Հրայր Կարապետեանին:
ԱԺ կանոնակարգ օրէնքով Թորոսեանի հրաժարականը կը համարուի ընդունուած:
ԱԺ կանոնակարգին համաձայն, Ազգային ժողովի նախագահի [...]
September 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Քալիֆորնիոյ 45րդ ընտրատարածքէն նահանգային խորհրդարանի դեմոկրատ անդամ Քէվըն տէ Լէոն Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18ին գլխաւոր բանախօսն էր Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած ժողովրդային հաւաքին:
«Սողանալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամը լուսաբանութիւններ կատարեց Սաքրամենթոյի մէջ համայնքին ի նպաստ կատարած իր աշխատանքներուն մասին, յիշցենելով, թէ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Փոքր Հայաստան շրջանին հաստատման [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իր կուսակից Կարէն Աւագեանի հետ ասուլիսի ընթացքին, Հանրապետութիւն կուսակցութեան անդամ Սուրէն Սուրէնեանցը երէկ յայտարարեց, որ իր կուսակցութիունը չի կիսեր ռուս-վրացական հակամարտութեան վերաբերեալ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տեսակէտը, ըստ որուն Ռուսիոյ կատարած քայլը կայսերապետական քաղաքականութեան արդիւնք է:
Բանախօսները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը համարեցին ամէնէն արդիւնաւէտ տարբերակը, նոյնիսկ եթէ [...]
September 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի Իսլամական հանրապետութեան մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին, Թեհրանի մէջ «Արարատ» մարզաւանի Ս. Խաչ մատուռին շրջափակէն ներս նորակառոյց «Այգեստան» տարածքին վրայ, տօնախմբական մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 17րդ տարեդարձը:
Տօնակատարութեան հրաւիրուած էին Թեհրանի եւ Սպահանի Հայոց թեմերու առաջնորդները, պետական պաշտօնատարներ, Իրանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ եւ դիւանագէտներ, երեք թեմերու ազգային [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» թերթը կը հաղորդէ, թէ «ֆութպոլի դիւանագիտութեան» շնորհիւ, Թուրքիա այցելող հայաստանցի զբօսաշրջիկներուն թիւը զգալիօրէն բազմացած է։ Անոնց կողքին, մարզական ակումբներ եւս սկսած են Թուրքիա այցելելու ու մարզումներ կատարելու: Երկու տարի առաջ, երեք խումբեր եկած էին, իսկ այս տարի կ’ակնկալուի, որ այդ թիւը բազմանայ ու անոնց միանան առաջին դասակարգի խումբեր:
Զբօսաշրջութեան կարգ մը կազմակերպութիւններ, [...]
September 26th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Արմէնփրէս».- Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Այս հանդիպումէն ետք ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզան լրագրողներուն յայտարարեց, որ զրոյցը շատ գործնական եղած է:
«Քննարկեցինք բոլոր բաղադրիչները՝ հակամարտութեան [...]
September 26th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Աժանս Ֆրանս Փրէս».- Հայաստան անցեալ Չորեքշաբթի իր քուէն տուած է ի նպաստ Եւրոպական Վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան (ԵՎԶԴ, միջազգային մամուլի մէջ Ի.Պի.Ար.Տի. կրճատումով) Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարելու առաջարկին:
Եւրոպական դրամատան տնօրէն խորհուրդը բացարձակ մեծամասնութեամբ վաւերացուց թրքական իշխանութիւններու կողմէ ներկայացուած դիմումը, ըստ որուն Թուրքիա իր ներկայ սոսկ բաժնետէրի կարգավիճակէն կը դառնայ երկիր մը, ուր դրամատունը [...]
September 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երաժշտութեան շարք մը մասնագէտներու կողմէ դրուատիքի արժանացած «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան համերգներու «Դիլիջան» շարքին չորրորդը պիտի սկսի Հոկտեմբեր 5ին:
Համերգին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի հրամցուի երիտասարդ հայ յօրինող Արթուր Աւանեսովի մէկ կտորը, ինչպէս նաեւ՝ Շնիթքէէն եւ Պրամզէն ստեղծագործութիւններ: Պիտի կատարուի նաեւ Շարաֆեանի մէկ գործին ներկայացումը՝ առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներէն ներս:
Կատարողներու [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանը հանդիպում ունեցած է հայ եւ թուրք ուսանողներու, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքագիտութեան ոլորտի երիտասարդ մասնագէտներու հետ:
Փոխնախարարը ուսանողներուն ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գլխաւոր ուղղութիւնները եւ դիրքորոշումները՝ միջազգային ու տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ: Թուրք ուսանողներու խնդրանքով, Կիրակոսեան անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն:
September 26th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Հոկտեմբեր 12ին կայանալիք տարեկան ճաշկերոյթին տոմսերը սպառած են արդէն: Հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Սիմի հովիտին մէջ գտնուող Ռանըլտ Ռեկընի անուան նախագահական գրադարանին մէջ:
Ձեռնարկին պատուոյ նախագահներն են քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆ, Ճորճ Ռատոնովիչ, Էտ Ռոյս, Ճէքի Սփիր եւ ուրիշներ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ դիւանագիտական ներկայացուցչութեանց հետ հաղորդակցութեան եւ հայկական հիմնական խնդիրները ներկայացնելու աշխատանքը:
Այս ծիրին մէջ յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպան Մոհամմետ Սուլթան Սէյֆ Սուէյտիի:
Պատուիրակութեան անդամները Միացեալ Էմիրութեանց դեսպանին ներկայացուցին Արցախի գծով հայութեան պահանջներուն եւ իրաւունքներուն հիմնաւորումները. անոնք նաեւ լուսաբանեցին դիւանագէտը Կովկասեան բեմի [...]
September 26th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »