Home » October 31st, 2008Entries posted on “October, 2008”
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օտարերկրեայ պետութիւններէն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն 2009ին կ’ակնկալուի ստանալ 36.2 միլիառ դրամի (հարիւր քսան միլիոն տոլար) գումարով պաշտօնական դրամաշնորհներ: ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու քննարկումներու ընթացքին, երէկ այս մասին զեկուցեց Հայաստանի ֆինանսներու փոխնախարար Պաւել Սաֆարեան, աւելցնելով, որ մասնաւորապէս Եւրոպական յանձնաժողովէն կ’ակնկալուի ստանալ 6.6 միլիառ դրամ:
Միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւններու եւ օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէ յատկացուած այլ նպատակային դրամաշնորհներու [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հակառակ սաստիկ ցուրտին ու հովերուն, Նիւ Եորքէն եւ Նիւ Ճըրզիէն մեծ թիւով խանդավառ հայեր ու յոյներ մասնակցեցան Պարաք Օպամայի ընտրութեան ի նպաստ կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռարկի մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28ի երեկոյեան, «Օփա Օպամային» խորագրին տակ:
Ձեռնարկը իրականացաւ «Հայերը Օպամայի համար» եւ «Յոյները Օպամայի համար» կազմակերպութեանց համատեղ ջանքերով: Ելոյթ ունեցողներուն շարքին էր [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Շատ հաճոյքով կը կարդանք «Ասպարէզ» թերթը. անհամբեր կը սպասենք ամէն օր նամակաբերին, կարդալու երբեմն ուրախ լուրեր, երբեմն տխուր լուրեր: Հիանալի գործ կը տանիք. վարձքերնիդ կատար. դիւրին գործ չէ, բայց հայը գլուխ կը հանէ եւ լաւագոյնը կու տայ մեր ժողովուրդին:
«Ասպարէզ»ը ամբողջութեամբ կարդալէս ետք, կը սիրեմ կարդալ եւ պահել «Իմաստուն խօսքերը», պարոն Մասիս Արարատեանին «Թղթակցութիւն անդի [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24ին, Նեւատա հաստատուած ամերիկահայեր մասնակցեցան քոնկրէսական Շէլի Պըրքլիի ընտրութեան ի նպաստ կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկի մը, որուն ներկայ էին նաեւ «Հայերը Օպամայի համար» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը անցեալ ամիս որոշեց նեցուկ կանգնիլ Պըրքլիին, անոր հայանպաստ կեցուածքին պատճառով: Պըրքլի առաջին անգամ 1998ին Ներկայացուցիչներու տան անդամ ընտրուած է եւ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ 1988-90 կատարուած հայասպան գործողութիւններուն մասին կը պատմէ գրող Նինա Մաքսիի «Պաքու-90 կամ թէ ինչպէս կերան Ժաննա Բաբայեանին» վաւերագրական վէպը:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ կազմակերպուած գիրքի շնորհահանդէսին ու քննարկման ընթացքին հրապարակախօս Զօրի Բալայեան խօսք առնելով՝ յայտնեց, որ հայկական ջարդերու վերաբերեալ գիրքերն ու ակնարկները հետզհետէ կ’աւելնան, իսկ Նինա Մաքսիի գիրքը կը համալրէ այդ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հոկտեմբեր է դարձեալ: Հայ Մշակոյթի ծարաւ մեր վարժարանները դարձեալ կը փառաբանեն մեր մշակոյթի հսկաները՝ Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւը, Խորենացին, Եղիշէն ու Դաւիթ Անյաղթը, եւ շարքը մեր բոլոր թարգմանիչներուն եւ անոնց յաջորդող հայ մշակոյթի ծառաներուն:
Մխիթարեան վարժարանի Հոկտեմբեր ամսուան ձեռնարկներուն առաջինը եղաւ Հոկտ. 17ին՝ վարժարանիս Ա. դասարանին մէջ, ուր հաւաքուած էին մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական միութիւնը չի բացառեր Նոյեմբեր 14ին նախատեսուած Եւրոմիութիւն-Ռուսիա գերաստիճանին ընթացքին գործընկերութեան ուխտի բանակցութիւններուն վերսկսումը։ Գերաստիճանը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ: Ան յայտնեց, որ բանակցութիւնները առկախուած էին, «որովհետեւ կ’ուզէինք, որ Ռուսիա յարգէ իր ուժերը Վրաստանէն հեռացնելու համաձայնութիւնը, ինչ որ արդէն կատարուած [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի ամավարկային քննարկումներու լոյսին տակ, Հայաստանի ֆինանսներու փոխնախարար Պաւել Սաֆարեան երէկ՝ Հոկտեմբեր 31ին յայտարարեց, թէ 2009ի պետական ամավարկին նախագիծով, փոխադրութեան եւ կապի ոլորտին պիտի տրամադրուի 43 միլիառ 265 միլիոն դրամ՝ 2008ի գումարէն 1.5 միլիառ դրամ աւելի:
Գումարը պիտի ծախսուի իրագործելու համար շարք մը ծրագիրներ՝ ճամբորդական ուղիներու հիմնանորոգում, (քանդուած շուրջ 285 ք մեթր [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Աֆղանիստանի սահմանակից Հիւսիսային Ուազիրիստանի Միր Ալի գիւղին վրայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31ին տեղի ունեցած ամերիկեան օդային յարձակումի մը հետեւանքով, առնուազն 27 հոգի սպաննուած է՝ հակառակ նման յարձակումներու դէմ Փաքիստանի իշխանութեանց բողոքներու սաստկացումին:
Իրենց ինքնութիւնը բացայայտել չուզող աղբիւրներ տեղեկացուցին, թէ յարձակումին հաւանական թիրախը «Քայիտա»ի ղեկավար մըն էր, սակայն յայտնի չէ, թէ ան սպաննուած է, կամ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան «3 գումարած 3» ձեւաչափով: Նոյեմբեր 2ին Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու հանդիպումը տեղի կ’ունենայ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի երեք համանախագահներու մասնակցութեամբ:
Երէկ՝ Հոկտեմբեր 31ին, Պոլիսէն կատարուած հեռաձայնային զրոյցով, Մինսկի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզա յայտնած է «Թրենտ» գործակալութեան, թէ երեք համանախագահները Մոսկուա պիտի ժամանեն հրաւէրով Ռուսիոյ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Քալսիումը մեր մարմինի առողջութեան համար անհրաժեշտ հանքանիւթերէն կը համարուի: Մեր կեանքի տեւողութեան մեր մարմինները ամէնէն շատ կարիքը ունին քալսիումի, բաղդատելով ուրիշ նիւթերու հետ:
Ի՞նչ է քալսիումը
Քալսիումը ամէնէն տարրական նիւթն է մարդկային մարմինէն ներս: Ան կենարար դեր ունի մեր մարմնին կառոյցին ու ոսկորներու աճին մէջ: Միջին հաշուով մարդկային մարմինը իր մէջ կը պարունակէ մօտաւորապէս 2 բաունտ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ կողմէ մշտապէս կ’արծարծուին հիմնական երկու հարցեր.
ա. Պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծում.
բ. Սահմաններու փոխադարձ ճանաչում:
Ձեր կարծիքով, ի՞նչ պէտք է ըլլայ Հայաստանի դիրքորոշումը այս երկու հարցերուն վերաբերեալ:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ.- Այս երկու հարցերուն կապակցութեամբ, Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ որեւէ սխալ քայլ կամ մարտավարութիւն կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ մեր ազգային շահերուն պաշտպանութեան [...]
October 31st, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
2008ը բազմաթիւ ամեակներու նման տարի մըն է, որուն ընթացքին «Համազգային»ն ալ իր բոլոր հարազատներով, հայրենքի եւ Սփիւռքի տարածքին, արժանավայել կերպով նշեց մշակութային այս մեծ ընտանիքին հիմնադրութեան 80ամեակը:
Կրկնութեան գնով պէտք է ըսել, թէ պատահական չէր «Համազգային»ի ծնունդը: Անոր գաղափարը յղացած էին ՀՀ նախկին վարչապետ մը, նախկին կրթական նախարար մը, վաստակաւոր մտաւորական մը, թատերական բեմի նշանաւոր [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- 1868ին շուկայ իջած երեք սէնթնոց դրոշմաթուղթ մը, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, աճուրդի «Սիկըլ» հիմնարկին մէջ 1,035,000 տոլարով ծախուեցաւ անյայտ գնողի մը:
Դրոշմաթուղթէն միայն երեք այլ օրինակներ կան աշխարհի տարածքին:
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22ի երեկոյեան, Կլէտէյլի «Ալեքս» թատրոնում տեղի ունեցաւ Կլէնտէյլ-Կապան քոյր քաղաքների միութեան կազմութեան 5րդ տարեդարձը: Երեկոյին ներկայ էին մեծ թիւով քաղաքացիներ եւ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ ու պատասխանատուներ: Ձեռնարկը կազմակերպուել էր նոյն միութեան միջոցով եւ Կլէնտէյլ քաղաքի հովանաւորութեամբ: 2003 թուին ստեղծուած այս միութիւնը անցնող հինգ տարիների ընթացքում յաջողեցրել է իրականացնել բարեսիրական բազմաթիւ աշխատանքներ եւ իր որոշիչ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը մօտակայ ժամանակահատուածում լուծելու մասին կանխատեսումները չեն իրականանայ, քանի որ գերտիրութիւնների շահերն այդ հարցում բախւում են», երէկ, խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հրայր Կարապետեան: Ռուսիան, Կարապետեանի խօսքով, մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, եւ անոր շահը չի կրնար համընկնիլ միւս գերտիրութիւններու շահերուն հետ:
Այն հարցումին, որ արդեօք [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Իրաքի մէջ 18 տարեկան առոյգ երիտասարդ մը՝ Ճիւան Սահակ Սահակեան, երիկամունքի պատուասման (transplant) կարիքը ունի: Այս երիտասարդին համար յարմար երիկամունք մը արդէն իսկ գտնուած է: Այս գործողութեան ամբողջական ծախսը 15 հազար տոլար է: Ճիւան Սահակ Սահակեանի ընտանիքը նիւթական շատ ծանր վիճակի մէջ է:
Այս կոչով, ջերմօրէն կը խնդրենք մեր ժողովուրդէն, որ իր առատաձեռն նիւթական օժանդակութեամբ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ մօտ ամերիկեան դեսպանատունը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31ին յայտարարեց, թէ որոշած է իր դռները փակ պահել, ցնօր տնօրինութիւն:
Դեսպանատունը փակ մնացած էր Հինգշաբթի օր, երբ հազարաւոր ցուցարարներ անոր առջեւ ցոյց մը կատարեցին՝ բողոքելով իրաքեան սահմանին մօտ գտնուող սուրիական գիւղի մը վրայ ամերիկեան ուժերու կատարած յարձակումին դէմ։ Ամերիկեան դեսպանատան շրջանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուած [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը հաղորդած է, թէ Լոռիի մարզի համաճարակային իրավիճակի կայունացում նկատուած է, եւ ըստ այնմ, մարզի բժշկական հիմնարկներ աղիքային վարակիչ հիւանդութենէ տառապող նոր մարդ չեն ընդունուած: Ներկայիս, Վանաձորի վարակային հիւանդանոցին մէջ բժշկական օգնութիւն կը ստանայ 25 անձ, իսկ Ալաւերտիի 10 հիւանդներէն 4ը ապաքինած են:
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի նախարարութեան եւ Սփիւռքի լրատուական միջոցներուն միջեւ երէկ կայացաւ առաջին հեռա-ասուլիսը, որուն ընթացքին նոր նախարարը ներկայացուց իր գլխաւորած նախարարութեան կառոյցը:
Սփիւռքի նախարարութիւնը ունի ինը վարչութիւն եւ հինգ բաժին: Վարչութիւնները բաժնուած են երկու խումբի՝ տարածքային՝ Ամերիկայի, Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի, ԱՊՀ երկիրներու, ու մասնագիտական՝ մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու, տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան, հայրենադարձութեան, համահայկական, եկեղեցական [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2008ին Woodland Hills Marriot պանդոկը ժամադրավայրը դարձած էր բազմահարիւր ՀՕՄուհիներու, ուր մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի 50ամեակը: Հոն էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Նովա Հինտոյեանը, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Վիքի Մարաշլեանը եւ ընկհ. Սեդա Մարթիրը, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Արա Փափազեանը, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ Ազգային «Ֆերահեան» վարժարանի, [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՀՅԴ Երիտասարդականը երկու հոգինոց պատուիրակութեամբ մը (Անահիտ Յարութիւնեան, Հայկ Ասատրեան) մասնակցեցաւ Հոկտեմբեր 26-28ին Վրաստանի Ցաւկիսի գիւղին մէջ տեղի ունեցած ԸԵՄՄի Սեւ ծովեան տարածաշրջանի երկիրներու համագործակցութեան հերթական խորհրդաժողովին՝ »Խաղաղութեան այլընտրանք չկայ« բնաբանով: Խորհրդաժողովին ներկայ էին ԸԵՄՄի փոխնախագահներ Տմիթրի Ցիքիտիշվալին (Վրաստան) եւ Եօհան Հասլը (Շուէտ), Ռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Չեխիոյ եւ Նորվեկիոյ երիտասարդական միութեանց պատուիրակները:
Խորհրդաժողովի բացման խօսքերով [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ նահանգապետը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին նահանգի Ճարտարապետներու խորհուրդի անդամ նշանակած է 43ամեայ ճարտարապետ Հրազդան Զէյթլեանը, որ 1988 թուականէն ի վեր աշխատած է Լոս Անճելըս շրջանի ճարտարապետական տարբեր հիմնարկներու մէջ, իսկ 2007էն ի վեր, փոխնախագահն ու ձեւաւորման վարիչը՝ «Լիօ Էյ. Տէյլի» հիմնարկի Լոս Անճելըսի գրասենեակին:
Աշխարհի տարածքին [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈՒՏԻՈՆՈՎՍՔ.- Հայ գրականութեան դասական Գէորգ Էմինի «Յաւերժի ճամբորդը» քնարական խոհագրութեան հիման վրայ Ռուսիոյ Պուտիոնովսք քաղաքաի «Ս. Խա»չ եւ Զելենոքումսքի «Ուրարտու» հայկական համայնքներու ջանքերով պատրաստաուած է վաւերագրական-գեղարուեստական տեսաժապաւէն մը:
Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթը կը հաղորդէ, թէ ֆիլմին բուն գաղափարը կը պատկանի Կալինա Զախարովային: Ան Պուտիոնովսքի եւ Զելենոքումսքի հայկական համայնքներուն եւ իր ընկերներուն հետ քննարկումներ կատարելէ ետք, [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մօտ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էհուտ Կոլը, որուն դիւանագիտական առաքելութիւնը կ’աւարտի մօտ օրէն:
Վարչապետը նշած է, թէ Հայաստան չափազանց կարեւոր կը նկատէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ վստահութիւն յայտնած է, թէ այդ յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալու համար, այսօր կան լուրջ նախադրեալներ: Վարչապետը կարեւոր [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Կլէնտէյլի համայնքային համալսարանին մէջ նախագահական ընտրութեանց նուիրուած եւ Հոկտեմբեր 23ին տեղի ունեցած խորհրդակցական հաւաքի մը ընթացքին բացայայտուած է, թէ շրջանի տարբեր համալսարաններու հայ ուսանողներ մօտէն հետաքրքրուած են այս տարուան նախագահական ընտրութիւններուն:
Աւելի քան 100 ուսանողներ, որոնց մէջ կային երկրորդական կարգ մը [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Մէկու մը անցեալը գիտնալ՝ շատ կարեւոր է: Անձի մը ծանօթանալէ առաջ, սովորութիւն դարձած է հարց տալ, թէ որո՞ւ զաւակն է ան: Կամ, ովքե՞ր եղած են անոր մեծ ծնողները, ո՞ր երկրացի, ի՞նչ դիրքի տէր, ի՞նչ համբաւ վաստակած, եւ այլն: Ուրեմն, մարդիկ սոսկ իրենց հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար չեն հարցաքններ ուրիշը, այլ՝ անոր անցեալին մասին որոշ տեղեկութիւններ քաղելու, [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Յառաջիկայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, կէսօրէ ետք ժամը հինգէն սկսեալ, «Հորիզոն» պիտի սփռէ ընտրութիւններու վերաբերեալ բացառիկ հաղորդում մը, որուն ընթացքին հանգամանօրէն պիտի ներկայացուին քուէարկութեան վերջին նորութիւնները՝ Ամերիկայի ամբողջ տարածքէն: «Հորիզոն» հեռաձայնային կապ պիտի հաստատէ երկրի տարածքին աշխատող տարբեր լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ՝ վերլուծելով այս պատմական քուէարկութեանց ընթացքը:
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
2008ն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 90ամեակն է, որ մեծ շուքով կը նշուի աշխարհի ամբողջ տարածքին: Այս առիթով, Շրջանային վարչութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 33րդ Մարզախաղերը արդէն իսկ նուիրած էր այս պատմական թուականին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 90ամեակով յատկանշուեցաւ նաեւ Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2008ը: Այս օրը, Շրջանային վարչութեան առընթեր բազմաթիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ժամադրավայրը դարձած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թքույա բանակավայրը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանին համար [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, թէ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, երէկ՝ Հոկտեմբեր 31ին, ընդունեց Ռուսիոյ մեծագոյն դրամատուներէն «Կազփրոմպանք»ի ներկայացուցիչները՝ գործադիր փոխնախագահ Ալեքսանդր Քազնաչէեւի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ «Կազփրոմպանք» խումբի մասնաճիւղ հանդիսացող «Առէքսիմպանք»ի ղեկավարութիւնը՝ յանձինս դրամատան խորհուրդի նախագահ Կարէն Կարապետեանի եւ գլխաւոր տնօրէն Արմէն Խանդկարեանի:
Հանդիպման ընթացքին, վարչապետին ներկայացուած է «Առէքսիմպանք»ի յառաջիկայ ծրագիրներն ու «Կազփրոմպանք»ի հետ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Այսօր խօսում են, որ տարածքների վերադարձման հարցն արդէն վճռուած է: Դա չափազանցութիւն է: Այսօր բանակցային սեղանին տարածքները յանձնելու հարց դրուած չէ», լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նման տեսակէտով հանդէս եկաւ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեան, աւելցնելով, որ ինք չէ տեսած որեւէ փաստաթուղթ, ուր նման զիջումներու մասին խօսք կայ եւ որ այդ մասին միայն մամուլն է, [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» իր երէկուան թիւով հաղորդեց, որ խումբ մը թուրք եւ հայ պատմաբաններ ու ընկերաբաններ, անցեալ ամիս Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցած են՝ փոխադարձ հասկացողութեան հասնելու միջոցներու վերաբերեալ ակադեմական քննարկում մը կատարելու համար։
Ինչպէս միշտ, թրքական աղբիւրներու կողմէ հաղորդուած լուրերը վերապահութեամբ պէտք է ընկալել, որովհետեւ անոնք յաճախ կը դիմեն ապատեղեկատուութեան։ Սոյն հանդիպումին մասին կ’ըսուի, [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ Ժողովրդավարական զարգացում հիմնադրամի ղեկավար Նինօ Պուրճանածէ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին յայտարարեց, որ Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի նախաձեռնութեամբ կառավարութեան կազմին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները դարձեալ կը վկայեն, որ իշխանութիւնները «լաւապէս չեն ընկալած իրադարձութիւնները»: «Կը կարծեմ, որ այն, ինչ այսօր տեղի կ’ունենայ, խայտառակութիւն է: Կառավարութեան մէջ կատարուած փոփոխութիւնները այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Օսմանեան Կայսրութեան կազմակերպած Հայկական Ցեղասպանութիւնը 1915էն 1923 թուականներուն պատճառ դարձաւ 2 միլիոն հայերու տեղահանութեան, որոնցմէ մօտաւորապէս 1.5 միլիոնը բնաչնչուեցան: Պարաք Օպամա կը հաւատայ, որ մենք պէտք է ճանչնանք այս ողբերգական ճշմարտութիւնը եւ անսասան կերպով զօրակցինք հայ-ամերիկեան յարաբերութեան, որ պիտի զարգացնէ մեր ընդհանուր անվտանգութիւնը եւ զօրացնէ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը:
Ցեղասպանութեան Ճանաչում
Օպամա ամերիկահայ համայնքին հետ կը [...]
October 31st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31ին հաղորդեց, թէ այս տարուան երրորդ քառորդին (Յուլիս-Սեպտեմբեր) ամերիկացի աշխատաւորներու վարձատրութիւնները 0.7 տոկոսով աճ արձանագրած են՝ զգալիօրէն ետ մնալով սղաճէն:
Վերջին անգամ 2006ի առաջին քառորդին էր, որ այս տուեալին աճը աւելի նուազ եղած էր (0.6 տոկոս):
Նոյն օրը, առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ երրորդ քառորդին քաղաքացիներուն ծախսած [...]
October 31st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հոկտեմբեր 28 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբաններու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբեր 30ին, Պոսթընի մէջ «Սաֆոք» իրաւաբանական համալսարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է ամերիկահայ ու հայրենի իրաւաբաններու միջեւ, կազմակերպութեամբ Հայ իրաւաբաններու միութեան ատենապետ Սոնիա Ներսէսեանի ու քարտուղար Քրիսթին Էնկուշթեանի:
Հայաստանէն 15 իրաւաբաններ, դատախազներ ու իրաւագէտներ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին «Ֆլէչըր» իրաւաբանական համալսարանին [...]
October 31st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ալքոլամոլը ընդհանրապէս կը խուսափի եւ չ՚արտայայտուիր ալքոլի ենթակայ ըլլալուն մասին եւ միաժամանակ չ՚ընդունիր, որ ինք լուրջ եւ մտահոգիչ հեւանդութենէ մը կը տառապի։ Յաճախ ան կը հերքէ ալքոլամոլ ըլլալը եւ չի խօսիր գործածած ալքոլի քանակի եւ ձեւի մասին։
Ալքոլամոլութիւնը առաւելաբար իյայտ կու գայ 35-50 տարեկան անձերու մօտ։ Այր մարդիկ շատ աւելի մեծ համեմատութեամբ ալքոլամոլ կ՚ըլլան, քան՝ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
Երէկ, արտահերթ ներկայացուցինք թիւ ինը առաջարկութիւնը: Կը յիշեցնենք, որ Համբիկ Սասունեանի պաշտպան յանձնախումբը կը դիմէ մեզ՝ բոլորիս, դէմ քուէարկելու այս առաջարկութեան:
Թիւ եօթը առաջարկութիւնը վերանորոգուած եւ մաքուր ուժանիւթի արտադրութեան օրինագիծ է, ըստ որուն, ուժանիւթ արտադրող բոլոր ընկերութիւնները, պետական թէ սեփական, պարտաւոր պիտի ըլլան մինչեւ 2010 թուական, իրենց ընդհանուր արտադրութեան քսան տոկոսին չափով վերանորոգուող աղբիւրներու վրայ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակը տեղեկացուց, թէ Դրամատան տնօրէններու խորհուրդը, Հոկտեմբեր 30ին հաստատեց Հայաստանի համայնքային ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման ծրագրին համար 20 միլիոն տոլարի վարկ մը, որ պիտի օժանդակէ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն՝ ուղղուած ջրամատակարարման համակարգի վերանորոգման եւ բարելաւման միջոցառումներու ընդարձակման:
Ըստ տրամադրուած տեղեկութիւններուն, Հայաստանի քաղաքացիները երկար սպասած են այդպիսի բարելաւումներու, արդէն իսկ բարձրացած է ջուրին [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երեւանի մէջ կատարուեցաւ վերանորոգուած եւ արդիականացուած Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի բացման արարողութիւնը. ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ., Երեւանի քաղաքապետը, կառավարութեան անդամներ, ԱԺ պատգամաւորներ, հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ: Հանդիսութեան կը մասնակցէին նաեւ Կարէն Դեմիրճեանի այրին եւ որդին՝ Ռիմա եւ Ստեփան Դեմիրճեաններ:
Ըստ համալիրի եւ «Բամօ» ընկերութեան սեփականատէր Մուրատ [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 31ին, Երեւանի «Յուսոյ տուն» բարեգործական կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր բացում կատարուեցաւ «Գթութեան խոհանոց» ծրագրի 15րդ շրջանին՝ Գերմանական Կարմիր խաչի եւ Երեւանի քաղաքապետի հովանաւորութեամբ: Պատէն-Վիւրթեմպըրկ երկրամասային «Գթութեան խոհանոց» ծրագրին հոգատարութեամբ, շուրջ 600 տարեց, ընկերային եւ տնտեսական անապահովութեան տակ գտնուող մարդիկ, Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն, Արաբկիր եւ Աջափնեակ համայքներու ճաշարաններուն մէջ հնարաւորութիւն ունին օրական մէկ անգամ տաք [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Մեր քոնիակի բաժակները լեցնելէ ու «բարի վերադարձ Արարատից» ըսելով՝ իր կենացը խմելէ ետք, սկսանք մեր զրոյցը, վերջերս Արարատի գագաթը բարձրացած ու իր կեանքի երազին ու «մուրազ»ին հասած, Սան Ֆրանսիսքոյի իմ վաղեմի ընկերներէն՝ 66ամեայ Կորիւն Հայրապետեանին հետ:
Մեր մեծամեծ բանաստեղծները, որքա՛ն բանաստեղծութիւններ են գրած, մեր մտաւորականները ինչ-ինչ սքանչելի բառերով նկարագրած են «Պիտի հասնինք սրբազան լեռ կատարիդ» [...]
October 31st, 2008
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Նախագահական ընտրութիւններէն միայն քանի մը օր առաջ, թեկնածուները Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին կրկնապատկեցին իրենց ելոյթները՝ առաւելագոյն թիւով քուէարկողներու հասնելու եւ անոնց համոզելու յոյսով:
Չորեքշաբթի օրուան Ֆլորիտայի ընտրապայքարի ելոյթներէն ետք, որոնցմէ մէկուն մասնակցեցաւ նաեւ նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն, դեմոկրատ թեկնածու Պարաք Օպամա Հինգշաբթի եւս ճակատագրական նկատուող այս նահանգին մէջ ձեռնարկներու մասնակցեցաւ, ապա անցաւ նաեւ Վըրճինիա [...]
October 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԿԱՈՒՀԱԹԻ, Հնդկաստան, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, Հնդկաստանի հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած 13 համակարգուած յարձակումներու ընթացքին սպաննուեցաւ առնուազն 61 հոգի: Վիրաւորուեցան աւելի քան 300 ուրիշներ:
Միջցեղային հակամարտութեանց կեդրոն հանդիսացող շրջանը, որ սահմաններ ունի Պանկլատէշի, Պութանի, Չինաստանի եւ Պուրմայի (Միանմար) հետ, կը գործեն անջատողական շարք մը ապօրինի կազմակերպութիւններ, որոնք պետական թիրախներու վրայ յարձակելու կողքին, նաեւ իրարու [...]
October 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Եւրոյանձնաժողովը կը խրախուսէ Թուրքիոյ ջանքերը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ, «Ռոյթըրզ» գործակալութեան յայտնած են եւրոպացի պաշտօնատարներ:
Նոյեմբեր 5ին պիտի հրապարակուի Եւրոմիութեան անդամութեան թեկնածու երկիրներու վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ հետ անդամութեան բանակցութիւնները սկսած են 2005 Հոկտեմբերէն, Խրուաթիոյ հետ միասին, սակայն հրապարակուելիք զեկոյցի նախագծին համաձայն, Խրուաթիան անդամութեան բանակցութիւններու [...]
October 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ամերիկայի հրէական կոմիտէի (ԱՀԿ) ռազմավարական ուսումնասիրութեանց տնօրէն Պարրի Ճէյքըպզ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան իր կազմակերպութենէն հանգստեան կը կոչուի։ ԱՀԿի պաշտօնատար մը հաստատեց «լաւ լուր»ը։ Ճէյքըպզի մեկնումը «լաւ լուր» կոչելուս պատճառն այն է, որ տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ քոնկրէսական տարբեր որոշումներու որդեգրումը ականահարելու ԱՀԿի փորձերուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէր։
Քանի մը ամիս առաջ յօդուած մը գրեցի՝ կոչ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մարտ 1-2ի դէպքերը ուսումնասիրող խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնաժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ յանձնաժողովը պատրաստ է պաշտօնական նամակներ ուղարկելու Հայաստանի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին եւ Ռոպերթ Քոչարեանին՝ զանոնք հրաւիրելով նիստերուն ներկայանալու եւ տեսակէտներ արտայայտելու:
«Գրաւոր կը գրենք: Բայց ցաւում եմ, որ շատ պրիմիտիւ (նախնական-Խ) հարցերի պատասխաններ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՔԷՕԼՆ.- Գերմանիոյ ամենամեծ քաղաքներէն Քէօլնի մէջ, Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին բացումը կատարուեցաւ Հայկական մշակոյթի օրերուն՝ նախաձեռնութեամբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմին եւ աջակցութեամբ Քէօլնի հայ համայնքին ու Կաթողիկէ կրթական կեդրոնի:
Հանդիսութեան ներկայ էին հիւրեր Հայաստանէն, Գերմանիայէն եւ Թուրքիայէն:
Գերմանիոյ հայկական թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքջեանի համաձայն, շուրջ 3000 հայ բնակիչ ունեցող Քէօլնի մէջ հայկական մշակոյթի օրեր [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին հաղորդեց, թէ այս տարուան երրորդ քառորդին (Յուլիս-Սեպտեմբեր), տեղական ընդհանուր արտադրութիւնը, որ նկատի ունի բոլոր արտադրութիւններն ու սպասարկութիւնները, 0.3 տոկոսով նահանջ մը արձանագրած է, ինչ որ ամենավատ ցուցանիշն է 2001էն ի վեր:
Յայտնենք, թէ տնտեսագէտներ աւելի վատ տուեալ մը կ’ակնկալէին, որուն հետեւանքով տեղեկութիւնը ընդհանրապէս դրական համարուեցաւ ելեւմտական [...]
October 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տրապիզոնի ապահովական ուժերու հրամանատար, գնդապետ Ալի Էօզ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցին մէջ կ’ամբաստանուի լրատուութեանց նկատմամբ անտարբեր մնացած ըլլալու մեղադրանքով, դատարանի մէջ պիտի հարցաքննուի։
Գնդապետ Էօզ առարկած էր այս ուղղութեամբ Տրապիզոնի Շրջանային վարչութեան մօտ իր կատարած դիմումով, եւ պնդած էր, որ ինք չէր յիշեր, թէ իրեն այդպիսի տեղեկութիւններ փոխանցուած էին:
Սակայն, դատարանը մերժած [...]
October 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Կիպրահայեր» համացանցային կայքէն կ’իմանանք, թէ Կիպրոսի նախագահ Տեմիթրիս Քրիսթոֆիաս յառաջիկայ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին, պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ Լիմասոլի «Նարեկ» վարժարանին:
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- Հոկտեմբեր 29ին տեղի ունեցաւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի հերթական լիագումար նիստը, որ քննեց «ԼՂՀ դրօշի մասին», «ԼՂՀ զինանշանի մասին», «ԼՂՀ օրհներգի մասին» օրէնքներու նախագիծները: Քննարկումը պայմանաւորուած էր երկրի պետական խորհրդանիշներու կարգավիճակը օրէնքի մակարդակին հասցնելու սահմանադրական պահանջով:
Խորհրդարանը առաջին ընթերցումով հաստատեց ներկայացուած առաջարկութիւնը:
October 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ խորհրդարանը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին վաւերացուց Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ հետ կնքուած համաձայնագիրները, որոնք Ռուսիոյ կ’արտօնեն այդ տարածքներուն մէջ զօրքեր տեղադրել։ Երեսփոխանները միաձայնութեամբ վաւերացուցին համաձայնագիրները, որոնք կը պաշտօնականացնեն երկու շրջաններուն եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական, դիւանագիտական եւ տնտեսական կապերը։
Ռուսիոյ իշխանութիւնները յայտնած են, որ Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած այդ երկու շրջաններու իշխանութիւններուն խնդրանքով, Աբխազիոյ եւ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ռաշտի Եկեղեցադպրոցական հոգաբարձութեան, 2 եւ 3 Հոկտեմբերին նշուեցաւ Ռաշտի Մ. եւ Ա. Յորդանանեան Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան 100ամեակը։
2 Հոկտեմբերին ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Արտուշ Յովհաննիսեան, որ հիմնական բացատրութիւններ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն։ Խօսք առին նաեւ Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեան եւ թեմի [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին ու ՀԵԴի «Սարդարապատ» ուխտի տասնեակներով անդամներ աշխատանք կը տանին, որպէսզի առաւելագոյն թիւով հայեր մասնակցին Նոյեմբեր 4ի ընտրութիւններուն:
Անոնք արդէն իսկ հեռաձայններով, թռուցիկներով եւ անձամբ կապ հաստատած են շրջանին մէջ ապրող հազարաւոր քուէարկողներու հետ, քուէարկութեան մղելու համար հայութիւնը:
«Այս տարուան ընտրութիւնները ամերիկահայութեան կամքը արտայայտելու շատ լաւ առիթ մըն [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով վերջերս հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար նշանակուեց Հրանոյշ Յակոբեանը։
Մեր նոր նախարարը ծնուել է Սեւանայ լճի արեւմտեան ափին, Գեղամայ լեռների մեղմաթեք լանջերին փռուած Սարուխան գիւղում, որը նաեւ տողերիս հեղինակի ծննդավայրն է։ Մեր նախնիները սերուել են 1922 թուականի Բայազետի հերոսական պաշտպաններից, որոնք աւելի քան 2000 կամաւորների հետ, միացան վրացի գեներալ (զօրավար-խ) Ալեքսանդր Ճաւճաւաձէի [...]
October 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Խօսելով հայկական ֆութպոլի թերացումներուն մասին՝ լրագրողներուն տուած իր ասուլիսին ընթացքին ֆութպոլի դաշնութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան իր ընդվզումը յայտնած է այն իրողութեան հանդէպ, թէ Հայաստանի ֆութպոլիստներէն եւ ազգաբնակչութենէն քիչեր միայն գիտեն Ազգային քայլերգին բառերը: «Մենք այս ուղղութեամբ աշխատանքներ ենք տարել, բայց միեւնոյնն է… դա մեր ազգային խնդիրն է, եթէ կոպիտ արտայայտուեմ, ապա կ’ասեմ, որ թասիբ (արժանապատուութիւն) [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹՈՐՈՆԹՕ.- «Զօրեան» հիմնարկի մէկ բաժանմունքը հանդիսացող Ցեղասպանութեան ու մարդկային իրաւանց ուսմանց միջազգային հիմնարկին ու Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան ջանքերով լոյս տեսնող «Genocide Studies and Prevention» պարբերականը հրատարակած է իր նորագոյն թիւը, որուն մէջ կան Ռուանտայի, Պոսնիոյ եւ Հայկական Ցեղասպանութեանց յաջորդող տարիներուն առնչուող շարք մը ուսմնասիրութիւններ, ուր շեշտը կը դրուի այն իրողութեան, թէ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ոճրային [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան նիստի ընթացքին, զոր վարեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որոշուեցաւ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» օրէնքին մէջ կատարել փոփոխութիւններ եւ լրացումներ, ըստ որոնց կ’առաջարկուի 2009ին նուազագոյն աշխատավարձի չափը աւելցնել 5000 դրամով՝ զայն սահմանելով 30 հազար դրամով (հարիւր տոլարի համարժէք):
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ՝ Հոկտեմբեր 30ին լրագրողներուն յայտնեց, թէ Մոսկուայի Նոյեմբեր 2ի հանդիպումէն ետք, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ Փարիզ Եւ Պրիւքսէլ՝ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ընկերակցութեամբ:
Փարիզի մէջ, Սերժ Սարգսեան պիտի հանդիպի իր ֆրանսացի գործընկեր Նիքոլա Սարքոզիին, Ծերակուտականի նախագահին եւ պաշտօնատար այլ անձանց հետ:
Պրիւքսէլի այցելութիւնը պիտի կեդրոնանայ Հայաստան-Եւրոմիութիւն քաղաքական համագործակցութեան շուրջ: [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայազգի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, անոր ընտանիքին նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Հրանդ Տինք» միջազգային հիմնադրամը: Հ. Տինքի եղբայրը՝ Երուանդ Տինք յայտնած է, թէ աշխատանք կը կատարուի Հայաստանի մէջ Հիմնադրամին մէկ մասնաճիւղը բանալու նպատակով: Այլ մասնաճիւղեր պիտի բացուին նաեւ Լոս Անճելըսի եւ Սիտնիի մէջ: Հիմնադրամին նուիրատուութիւնները պիտի հանգանակուին միայն կազմակերպութիւններու կողմէ, [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Այսօր՝ Հոկտեմբեր 31ին, մէկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան կը ժամանէ «Մայքրոսոֆթ» (Microsoft) ընկերութեան տարածաշրջանային փոխնախագահ Վահէ Թորոսեան՝ քննարկելու համար 2007 թուականի Յունուար 30ին Էտինպըրկի մէջ Հայաստանի կառավարութեան եւ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագրով նախատեսուած համագործակցութեան ընթացքը, հետագայի փոխադարձ գործակցութիւնը եւ նոր ծրագիրներու իրականացումը, որ պիտի ընդգրկէ տեղեկատուական ճարտարարագիտութեան, կրթութեան, նորարարութիւններու եւ ելեկտրոնային կառավարման ոլորտները:
Հայաստանի տնտեսութեան [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՀԱԼԷՊ.- Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Հալէպի մշակոյթի պետական կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Հոկտեմբեր 21-28ի միջեւ տեղի ունեցաւ «Սուրիան եւ արաբական երկիրները հայ արաբագէտներու ուսումնասիրութիւններուն մէջ» խորագիրը կրող գիրքերու ցուցահանդէսը, որուն ընթացքին հայ արաբագիտական դպրոցը ներկայացուց արաբագէտ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ անդամ փրոֆ. Նիքոլա Յովհաննիսեանը:
Հոկտեմբեր 22ին, Հալէպի մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի պաշտօնական [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Գրահրատարակչական գործակալութեան պետ Էդուարդ Միլիտօնեան յայտարարեց, թէ Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 15-19ը կայացած Գիրքի 60րդ միջազգային ցուցահանդէս-տօնավաճառին, Հայաստան մասնակցած է շուրջ 400 գիրքով, զորս ցուցադրելու համար, տաղաւարին նախկին 8 քառակուսի մեթրի փոխարէն, այս տարի յատկացուած է 20 քմ, եւ հնարաւոր դարձած է ներկայացնել վերջին [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Լրագրողներու հետ երէկ իր հանդիպման ընթացքին, պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հարցումին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնա՞յ կարգաւորուիլ յառաջիկայ 2-3 ամիսներու ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Է. Նալբանդեան յայտնեց. «Իրականութեան մէջ մենք կարող ենք լուծման գնալ Ատրպէյճանի հետ, եւ այդ հնարաւորութիւնը կը լինի, եթէ Ատրպէյճանը արտայայտի քաղաքական կամք եւ գնայ համապատասխան լուծման ուղղութեամբ, այլ ոչ թէ՝ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան, Հոկտեմբեր 30ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները դժուար թէ կտրուկ տեղաշարժեր արձանագրեն. պարզապէս հիմք դրուեցաւ համակարգուած դիւանագիտական շփումներու: Յարաբերութիւնները կը կրեն դիւանագիտական պայքարի բնոյթ, ուր երկու երկիրներն ալ կը պայքարին՝ իրենց պետական եւ ազգային շահերը պաշտպանելու համար:
Ան անհաւանական գտաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով «Երկիր» շաբաթաթերթի թղթակիցին այն հարցումին, թէ «ինչո՞ւ է վերջին շրջանում արծարծւում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան հարցը», ան յայտնած է. «Բանակցային գործընթացն իր արդիւնաւէտութեան աստիճանով մեզ համար նոյնպէս գոհացուցիչ չէ, բայց դա պայմանաւորուած չէ յատկապէս ձեւաչափով»:
ԱՄՆ դեսպան Մարի Եովանովիչ վերջերս յայտարարած է, [...]
October 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
«PanARMENIAN.Net».- Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը հանդիպին այսօր՝ Հոկտեմբեր 31ին, Մոսկուայի մէջ, իսկ Նոյեմբեր 1ին, անոնք պիտի հանդիպին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ:
Իր ուղեւորութեան նախօրեակին, Երեւանի մէջ, Հոկտեմբեր 30ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեան յայտարարեց, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհրաժեշտ է ոչ միայն Հայաստանի ու Թուրքիոյ, այլեւ՝ ամբողջ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը խոստացած է քաղաքական գործունէութենէ դադրիլ, եթէ Մարտ 2009ի տեղական ընտրութիւններուն ընթացքին անոր նկատմամբ ժողովուրդի զօրակցութեան սուր անկում մը տեղի ունենայ։
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ճեմիլ Չիչէք կուսակցութեան դէմ յարուցուած դատին վերաբերեալ սահմանադրական ատեանին քննարկումներուն անդրադառնալով՝ յայտնած է. «Մենք բռնի ուժով իշխանութեան չհասանք։ Չենք ըսեր, թէ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Այսօր պիտի փոխենք կարգը ու առաջ անցնելով՝ պիտի ներկայացնենք Քալիֆորնիոյ նահանգային քուէարկութեանց դրուած թիւ ինը օրինագիծը:
Անմիջապէս յայտնեմ, որ այստեղ կայ այլ տեսակի շահագրգռութիւն, ազգային կամ զուտ մարդկային մղում մը, գրեթէ պատանի տարիքին, առանց ներումի հնարաւորութեան, ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած, հետագային, դժբախտաբար շատ ուշ, նոր յայտնութեանց բերումով՝ «առանց ներումի» կարգավիճակէն ազատուած ու ներման հնարաւորութեամբ իր բանտարկութիւնը [...]
October 30th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Դեռ չէ պարզուած, թէ ո՞վ է պատասխանատուն Վանաձորի եւ Ալաւերտիի մէջ բռնկած համաճարակին, ջրամատակարարման ընկերութիւննե՞րը, թէ առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Խօսելով տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներու հետ՝ «Panorama.am» գործակալութիւնը ստացած է հակասական պատասխաններ այս հարցին շուրջ:
«Երեւան Չուր» ընկերութիւնը «Panorama.am» գործակալութեան տեղեկացուցած է, թէ քաղաքի ու մերձակայ 30 գիւղերու ջրամատակարարման համար պատասխանատու է «Լոռի ջրմուղ-կոյուղի» ընկերութիւնը, Վանաձոր քաղաքի ու [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յայտնի հրապարակագիր Այշէ Հիւր «Թարաֆ» թերթի Կիրակի, Հոկտեմբեր 26ի թիւին յատկացուցած էր «Ազգային ապահովութեան պետութեան կառուցումը» խորագրեալ իր յօդուածը, որուն մէկ մասը կը վերաբերէր 1941ին փոքրամասնութիւններու անդամներ զինուորագրելու արշաւին՝ բանուորական աշխատանքի պատրուակով:
Ան կը պատմէ, որ 22 Ապրիլ 1941ին, խորհրդարանը կրակոտ նիստէ մը ետք ընդունեց այս մասին պաշտպանութեան նախարարութեան առաջարկը ու որոշեց 1896-1913ի [...]
October 30th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հանրայայտ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեանի ծննդեան 80ամեակի կապակցութեամբ, Մարզահամերգային համալիրին մէջ Նոյեմբեր 11ին կայանալիք «Ճիւան Գասպարեան եւ ընկերներ» համերգին մասնակցելու համար, Հայաստան պիտի ժամանեն աշխարհահռչակ աստղեր Իտալիայէն, Մեծ Բրիտանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
Երեւան ժամանողներու շարքին են Փիթըր Կապրիէլ, Զուքերօ, «Փլանեթ Իքս», այլ աստղեր ու աշխարհահռչակ խումբեր, որոնք Գասպարեանի հետ հանդէս եկած են տարբեր բեմահարթակներու [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ աշակերտներու դպրոց չյաճախելու եւ դպրոցէն դուրս մնալու ցուցանիշներու կտրուկ աճ արձանագրուած է, որ պայմանաւորուած է անչափահասներու աշխատանքով եւ կրթական համակարգով: Այս մասին երէկ «անչափահասներու աշխատանքը Հայաստանի Հանրապետութիւնում», «Հայաստանում աշակերտների դպրոցից բացակայութեամբ պայմանաւորուած դպրոցական ռեսուրսների կորուստների վերաբերեալ» ուսումնասիրութիւնները ներկայացնելու ատեն նշեց «ԵՈՒՆԻՍԵՖ»ի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Լէյլի Մոշիրի-Գիլանին: Նշենք, որ 2002-2003ին դպրոցէն դուրս [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ի առաջին ժամերուն, Թեհրան ժամանեց Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ ընկերակցութեամբ Նորայր եպս. Աշըգեանի եւ գաւազանակիր Մեսրոպ աբղ. Սարգսեանի: Օդակայանին մէջ վեհափառը դիմաւորեցին Կրօններու երկխօսութեան կեդրոնի ներկայացուցիչներ, Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի հայոց թեմերու առաջնորդներ՝ Սեպուհ արք. Սարգսեան, Բաբգէն եպս. Չարեան եւ Նշան եպս. Թօփուզեան, ինչպէս նաեւ՝ Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Անանիա աբղ. [...]
October 30th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Քանի մը օրեր առաջ, Ժընեւի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) ընդհ. քարտուղար դոկտ. Սէմ Քոպիայի:
Սոյն հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի փոխատենապետուհի Թենի Փիրրի-Սիմոնեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները, քրիստոնեայ-իսլամ [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«Թրենտ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Էլտար Սապիրօղլուն յայտնած է, որ Ատրպէյճանի Գետաբեկի շրջանը տեղակայուած զօրամասին մէջ, Հասան Ալահվերտիեւ անունով զինուոր մը իր ծառայութեան ընթացքին ինքնասպանութեան փորձ մը կատարած է՝ կրակելով իր ծառայողական զէնքէն:
Զինուորական աղբիւրներ հերքած են ինքնասպանութեան վարկածը, պնդելով, որ զինուորին վրայ կրակած է իր հրամանատարը: Ըստ այդ վարկածին, հրամանատարը Ալահվերտիեւէն [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ աւետարանական համայնքի համաշխարհային խորհուրդի Հայաստանի ներկայացուցիչ վեր. Ռընէ Լեւոնեանի։ Հիւր հոգեւորականին կ’ընկերանային Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան եւ վեր. Աբրահամ Չափարեան, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ընկերակցութեան պատասխանատուներէն Տիգրան Եումուշաքեան (Արեւելեան շրջանէն)։
Հանդիպումը առիթ եղաւ փոխադարձ ծանօթացման [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԷՆՔ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 19ին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Սանթա Քլարա հովիտի (հիւսիսային Քալիֆորնիա) Քուփըրթինոյի Ս. Անդրէաս հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանը եւ սարկաւագները: Սրբազան հայրը գնահատեց տէր հօր գլխաւորութեամբ ծուխին արձանագրած յաջողութիւնները զանազան մարզերէ ներս: Առաջնորդը, տէր հօր հետ կատարեց կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութեան [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱԺի մշտական յանձնաժողովներու ամավարկային քննարկումներու լոյսին տակ, Հայաստանի ֆինանսներու փոխնախարար Պաւել Սաֆարեան յայտարարեց, թէ 2009ի ամավարկի նախագիծով, արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին պիտի յատկացուի 7 միլիառ 726 միլիոն դրամ՝ 12.5 տոկոս յաւելումով 2008ի համեմատ:
Յաջորդ տարի դիւանագիտական աստիճանին համար սահմանուած վճարը պիտի բարձրանայ 5.1 անգամով եւ անոր պիտի տրամադրուի 62 միլիոն դրամ: Յաւելավճար սահմանուած է [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Համազգային»ի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 80 ամեակին առիթով կազմակերպած է իրարայաջորդ հետեւեալ երեք ձեռնարկները.
1.- Հրապարակային 2րդ զրոյց, Կիրակի, 2 Նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ (740 E. Washington Blvd.): Ձեռնարկին կը մասնակցին դոկտ. Վիգէն Եագուպեան՝ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի տնօրէն, [...]
October 30th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Թէքէեան մշակութային եւ Պոլսահայ միութիւններու նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Նիւ Ճըրզիի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ «Ախ’Թամար» պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ Կլէնտէյլի երկրորդական վարժարանին հանդիսասրահին մէջ՝ մասնակցութեամբ տեղացի սիրուած երգիչներ Գագիկ Բատալեանի ու Արաքս Կարապետեանի, «Արաքս» երաժշտական դպրոցի աշակերտներու, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր սրնգահար Արարատ Պետրոսեանի:
1990ական թուականներուն կազմուած պարախումբը ունի 82 անդամներ, 5-25 տարիքի [...]
October 30th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Մինչ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կատարուած նորագոյն հարցախոյզերուն արդիւնքները ցոյց կու տային, թէ նախագահական դեմոկրատ թեկնածու Պարաք Օպամա 3էն 7 կէտի առաւելութիւն մը ունի, հրապարակուեցաւ ճակատագրական նկատուող ութ նահանգներու մէջ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին կատարուած աւելի մանրամասն հարցախոյզ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ընտրութիւններէն միայն օրեր առաջ Օպամա առաջատար է չորս նահանգներու մէջ, ուր [...]
October 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԶԻԱՐԱԹ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին, Փաքիստանի հարաւարեւմտեան շրջանները հարուածած 6.4 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը առնուազն 175 զոհ պատճառեց՝ միաժամանակ անտուն դարձնելով աւելի քան 15,000 ուրիշներ:
Երկրաշարժը տեղի ունեցած է Աֆղանիստանի սահմանակից Պալուչիստան նահանգին մէջ:
October 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Նախապէս գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ, Նոյեմբեր 2ին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի մասնակցութեամբ:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ հանդիպման օրակարգին վրայ կան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցեր:
October 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Օգոստոսի Կիրակի էր եւ եղանակին ամէնէն տաք օրն էր անկասկած։ Առտուան շատ կանուխ ժամերէն արդէն զգացած էի որ շատ տաք պիտի ըլլար, ուստի ժամը ութէն առաջ ծով մտած էի ու ծովուն հետ գործս վերջացուցած։ Նախաճաշս ըրի, պատշգամը նստայ, քիչ մը գրեցի, օրուան թերթերը աչքէ անցուցի։
Այս եղանակին, մեր տան փողոցը կառատուն կը դառնայ անհամար կառքերու [...]
October 29th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը իր վերջին նիստին, որոշած է հարիւր միլիոն դրամ յատկացնել ԼՂՀի ամբողջ տարածքին ռատիօհեռուստատեսութեան բնագաւառի հեռարձակման զարգացման եւ թուային համակարգի ներդրման գործին: Այս ծրագրի հիմնական նպատակն է ԼՂՀ ամբողջ տարածքին Արցախի «Աարցախի հեռատեսիլ»ի եւ Հայաստանի Հանրային «Հ1» պատկերասփիւռի սփռման ապահովումը՝ տեղեկատուական անվտանգութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
Կը Նախատեսուի նաեւ 2010-2011 արբանեակային հեռարձակումով իրագործել Արցախի [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ իր առաջին երկամեայ պաշտօնավարութիւնը աւարտած երեսփոխանը լաւ դիրքի վրայ կը գտնուի պարտութեան մատնելու համար Նոյեմբեր 4ի ընտրութեանց իր մրցակիցը, իր ապահոված յատկանշական զօրակցութիւններուն եւ դրամահաւաքի յաջող ձեռնարկներուն շնորհիւ:
«Ինծի համար պատիւ մըն է ներկայացնել հայկական Սփիւռքի մեծագոյն համայնքը եւ լաւագոյնս պիտի ընեմ ընտրապայքարի այս վերջին [...]
October 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«PanARMENIAN.Net».- Ռուսահայերու «Երկրամաս» թերթը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ Հարաւային մարզին մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արարատ Գոմցեանը յայտարարած է, թէ Հարաւային Ռուսիա բնակող բազմաթիւ հայեր արձագանգած են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու հնարաւորութեան եւ տասնեակ մարդիկ արդէն դարձած են Հայաստանի քաղաքացիներ:
Ըստ հայ դիւանագէտին, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ ցանկացող ռուսահայերուն թիւը շատ մեծ է, սակայն նշեալ բարդ գործընթացը շատ ուշ [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու ամավարկեան քննարկումներու ընթացքին, Հայաստանի ֆինանսներու փոխնախարար Պաւել Սաֆարեան Հոկտեմբեր 28ին ներկայացուց, թէ 2009ին պետական ամավարկի նախագիծով, կրթութեան ոլորտին պիտի յատկացուի 126 միլիառ 396.9 միլիոն դրամ: Ծախսերու աճը 2008ի համեմատ 22 միլիառ 970.8 միլիոն դրամ է, կամ 22.2 տոկոս:
Կրթութեան ընդհանուր բնագաւառին մէջ հիմնական գերակայութիւն կը համարուի հանրակրթութեան ոլորտը, որուն յատկացուած [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ թրքական մամուլէն քաղուած լուրերու, «Նոյեան տապան» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրման 85րդ տարեդարձին առթիւ կայանալիք միջոցառումներուն ծիրէն ներս, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, այլոց շարքին, իր նստավայրը հրաւիրած է նաեւ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Էթիէն Մահչուպեանը:
Յիշեցնենք, որ «Ժամանակ» օրաթերթի [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 21-22 Հոկտեմբերին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Նարեկ եպս. Ալէմէզեան (վարիչ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու):
Այս ժողովը առիթ կ’ընծայէ եկեղեցական ընտանիքներու պատասխանատուներուն միասնաբար քննարկելու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուած հարցերը եւ իրարու հետ բաժնեկցելու համաքրիստոնէական մտահոգութիւնները:
Ժողովին միւս մասնակիցներն էին Ռուս ուղղափառ, Հռոմէական կաթոլիկ, Անկլիքան, Լուտերական, Բարեկարգեալ, Մեթոտիսթ, Բողոքական [...]
October 29th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«PanARMENIAN.Net».- Վկայակոչելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալները՝ «1news.az» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հոկտեմբեր 31ին, Անգարայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Կովկասի փլաթֆորմի եւ Վրաստանի դէպքերէն ետք տարածաշրջանի իրադրութեան քննարկման միջազգային խորհրդաժողովը, որ կազմակերպուած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ: Այնտեղ կը սպասուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ քաղաքագէտներու [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ-ՎԱՆԱՁՈՐ, «Արմէնփրէս».- Վանաձորի Ախտազերծման եւ հակահամաճարակային տեսչութեան աշխատակիցները Հոկտեմբեր 28ին հրատարակեցին տեղակագիր մը, ուր յիշուած է, թէ մասնագէտներու կողմէն կատարուած հետազօտութիւնները հաստատած են, թէ քաղաքի ներքին ցանցի ջուրին որակը չի համապատասխաներ առողջապահական չափանիշներուն. քաղաքին մէջ արձանագրուած են ջրագիծերու եւ կոյուղագիծերու բազմաթիւ վթարներ, որոնք կրնան ըլլալ վերջերս ընդհանրացած վարակին պատճառը:
Քաղաքի համաբուժարաններու գլխաւոր բժիշկները, ինչպէս նաեւ [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայաստանի հանրապետութեան դրամատնային (ԿԴ) գործունէութիւնը աւելի եւս ծաւալելու նպատակով, Կեդրոնական դրամատունը նախնական համաձայնութիւն մը կնքած է լիբանանեան «Սիտըրզ» դրամատան հետ: Այս մասին Հոկտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի ԿԴ նախագահ Արթուր Չաւադեանը: Անոր խօսքով, դրամատան սկզբնական դրամագլուխը պիտի կազմէ 5.45 միլիառ դրամ:
Նշենք, որ լիբանանեան դրամագլուխը արդէն իսկ կը գործէ Հայաստանի դրամատնային համակարգէն [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Չորքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ անհիմն համարեց ամերիկեան այն պնդումները, թէ Սուրիոյ սահմաններէն ներս տեղի ունեցած ամերիկեան յարձակումին թիրախը «Քայիտա»ի բարձրաստիճան ղեկավար մըն էր, միաժամանակ պահանջելով Միացեալ Նահանգներէն եւ Իրաքի իշխանութիւններէն, որ պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրեն եւ խոստանան՝ նման քայլ մը չկրկնել:
Յայտնենք, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշեց փակել Դամասկոսի մէջ [...]
October 29th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հոկտեմբեր 29ին, «Ուրբաթ» ակումբէն ներս Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեանը ներկայացուց վերջերս լոյս տեսած «Հաւատամք» վերնագիրով իր նոր աշխատութիւնը:
«Հաւատամք»ը Ռուզան Առաքելեանի երկրորդ ստեղծագործութիւնն է, ուր ամփոփուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան պարբերականներու մէջ հրատարակուած յօդուածներու ընտրանին: Յօդուածներուն մէջ քննութեան առնուած են այն հարցերը, որոնք արդիական են, եւ որոնք նաեւ մտահոգած [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Ամերիկայի առեւտուրի պալատի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Դաւիթ Աթանէսեանի եւ Թուրքիոյ ամերիկեան պիզնէս ֆորումի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Կալիփ Սուքայեանի կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան մէջ կը հաստատուի, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ առաջնորդներու հանդիպումը կը համարուի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու պատմական փոփոխութեան ապացոյց:
Ըստ յայտարարութեան, այդ քայլը պիտի ունենայ քաղաքական եւ տնտեսական մեծ ազդեցութիւն տարածաշրջանին [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 29ին կայացած ասուլիսի ընթացքին, Հայաստանի Ռուս հայրենակիցներու օգնութեան եւ աջակցութեան հիմնադրամին գլխաւոր տնօրէն Իւան Սեմէօնովը տեղեկացուց, թէ վերջին 20 տարիներուն զգալիօրէն կրճատուած է Հայաստանի ազգութեամբ ռուս քաղաքացիներու թիւը՝ 51 հազարէն նուազելով 10 հազարի: Ան հաստատած է, որ Հայաստանէն տեղափոխուելու հիմնական պատճառը ռուսական դպրոցներու փակումն ու աշխատատեղիներու կրճատումն է, եւ ոչ թէ ազգային [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն յայտնեցին, թէ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հոկտեմբեր 28ին ընդունած է «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր, Հրանդ Տինքի ընտանիքի շահերու պաշտպան, «Մեծ մայրս» գիրքի հեղինակ Ֆաթհիէ Չէթինը եւ Հրանդ Տինքի եղբայրը՝ Երուանդ Տինքը:
Նախարարն իր գոհունակութիւնը յայտնած է Չէթինին՝ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործունէութիւն ծաւալելուն համար, ողջունած է գիրքին հայերէն թարգմանութեան վերահրատարակումը [...]
October 29th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »