Home » November 25th, 2008Entries posted on “November, 2008”
ՊԱՔՈՒ.- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մաթիու Պրայզա, ատրպեճանական մամուլի գործակալութեան մը յայտնած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Դեկտեմբեր 3ին Հելսինքիի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Այս հանդիպումը կազմակերպուած է ԵԱՀԿի Նախարարաց խորհուրդի համագումարի ծիրէն ներս: Երկու նախարարները պիտի փորձեն համակարգել իրենց աշխատանքները՝ մինչեւ տարեվերջ [...]
November 25th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երկարահաս long distance ճամբորդութենէ մը վերադարձող բարեկամս կը գանգատէր դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ իրողապէս կողոպտուած ըլլալուն մասին։ Օդակայաններու մէջ ապահովութեան նուստացնող միջոցառումներուն վարժուեր էր, նաեւ՝ անոնց հետեւանք՝ ուշացումներուն, ճամպրուկի կորուստի եւ մէկ խօսքով՝ Իրաքի պատերազմին համար յառաջ քշուած սուտերուն չափ յիմար պատճառաբանութիւններով՝ ճամբորդներուն «շնորհուած» նմանօրինակ խայտառակութիւններու։ Հիմա, կը գանգատէր, որ որոշ ծանրութենէ աւելի ճամպրուկի համար [...]
November 25th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Թայմ«.- Մինչ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25ին մօտաւորապէս 800 միլիառ տոլարի ներդրումով մը վարկային շուկան վերակենդանացնելու քայլերու կը դիմէին, կարգ մը տնտեսագէտներ կը յայտնէին, թէ դրամական հսկայական հիմնարկներ օժանդակելը շուքի տակ կը պահէ իսկական կարիքաւորները, որոնց թիւը հետզհետէ կ’աճի տնտեսական ճգնաժամին պատճառով:
Ամավարկի եւ քաղաքական առաջնահերթութեանց կեդրոնի վարիչ Ռապըրթ Կրինսթայն կը [...]
November 25th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Ասպարէզ» երէկուան առաջին էջով տեղեկագրեց, որ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի այցելութեան ընթացքին, Հռոմի Պենետիքթ 16րդ պապը խուսափած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատելէ, փոխարէնը օգտագործելով «Անխօսելի տառապանքներ» բառերը:
Նոյն տեղեկագրութեան մէջ նշած ենք, որ Վատիկանի Եկեղեցիներու միութեան խորհուրդի ղեկավար կարտինալ Ուոլթըր Քասփըր, Արամ կաթողիկոսի այցելութեան նախօրեակին, Վատիկանի ձայնասփիւռին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, [...]
November 25th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՏՐԵՍՏԸՆ.- Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25ին ճատրակի աշխարհի 38րդ ողիմպիականի ծիրէն ներս, Հայաստանի հաւաքականի վերջին մրցումին հետեւելու համար Գերմանիա ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարեց Հայաստան-Չինաստան մրցումին առաջին շարժումը, որմէ ետք մրցումին ղեկը դարձեալ յանձնեց առաջին դասուած հայ գերվարպետ Լեւոն Արոնեանին, որ յաջորդական երկրորդ անգամն ըլլալով, աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին առաջնորդեց Հայաստանի կազմը, որ 2006ին եւս խլած էր [...]
November 25th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՎԱՏԻԿԱՆ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ՊՈԼԻՍ.- Անդրադառնալով Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ու Պենետիքթ ԺԶ պապին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ թրքական մամուլը Երեքշաբթի օր շեշտը դրած է անկէ անմիջապէս առաջ Վատիկանի Քրիստոնէական միութեան բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Ուալթըր Քասփըրի այն յայտարարութեան վրայ, թէ Վատիկան արդէն իսկ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը, միաժամանակ դժգոհութիւն յայտնելով Վատիկանի [...]
November 25th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Պոլիս կատարած միօրեայ այցելութեան մասին մանրամասն տեղեկագրութիւն մը հրապարակած է «Մարմարա» օրաթերթը, իր երէկուան թիւով: Սոյն տեղեկագրութենէն քաղելով՝ կը ներկայացնենք այս կարեւոր այցելութեան մանրամասնութիւնները.
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութիւն կազմակերպութիւնը )ՍՏՀԿ), որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի քաղաքիս մէջ, իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ կարեւոր աշխատանք կը տանի տարածաշրջանէ [...]
November 25th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ըստ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց տեղեկագիրի մը, Թուրքիա կը գտնուի այն երկիրներու շարքին, որոնց կարեւորութիւնը մինչեւ 2025թ. պիտի բարձրանայ։ «Միջազգային ուղղուածութիւններ 2025 թուականին» խորագրուած տեղեկագիրը կը հրապարակուի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տեղեկահաւաքի խորհուրդին կողմէ՝ չորս տարին անգամ մը՝ ղեկավարներուն ապագայի հարցերուն եւ առիթներուն մասին գաղափար տալու համար։
Տեղեկագիրը, Թուրքիոյ եւ Ինտոնեզիոյ նման [...]
November 25th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Նոյեմբեր 22ին, Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի նիստերու դահլիճին մէջ, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ երիտասարդական խորհրդակցութիւն՝ Արցախեան հիմնահարցի վերջին զարգացումներուն շուրջ: Խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին Արցախի մէջ գործող երիտասարդական բոլոր կազմակերպութիւնները:
Միջոցառման նպատակն էր համախմբել արցախահայ երիտասարդութիւնը կլոր սեղանի շուրջ, իմանալ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն տեսակէտները նշուած հարցին վերաբերեալ, կազմակերպել ազատ քննարկում ու կարծիքներու փոխանակում [...]
November 25th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Նոյեմբերի 27ին Լոս Անճելեսում «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հովանու ներքոյ կը մեկնարկի հերթական հեռուստամարաթոնը՝ Հայաստանում եւ Արցախում սոցիալ-տնտեսական բնոյթի ծրագրերի իրագործման համար միջոցներ ապահովելու նպատակով։ Պէտք է ասել, որ դա «Հայաստան» հիմնադրամի ամենամեայ՝ թուով տասներեքերորդ մարդասիրական ակցիան է. առաջինը հանգանակութիւնների հաւաքումն էր՝ «Գորիս-Ստեփանակերտ» 64 քմ երկարութեամբ ռազմավարական առումով կարեւոր աւտոմայրուղու շինարարութեան համար, որը ժողովրդի մէջ [...]
November 25th, 2008
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Ամերիկեան խիստ հսկողութեան տակ գտնուող Պաղտատի Կանաչ գօտիին մուտքին տեղի ունեցած անձնասպանական գործողութիւն մը ու պետական պաշտօնեաներ փոխադրող հանրակառքի մը մէջ զետեղուած ականի մը պայթումը առնուազն 20 զոհ խլեցին Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, մինչ նոյն օրը, Պաղտատի ու Պաքուպայի մէջ ոստիկանական թիրախներու վրայ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումներու հետեւանքով, սպաննուեցան երկու քաղաքայիններ եւ իրաքցի ոստիկան [...]
November 24th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Անցեալ Շաբաթ օր, Լոս Անճելըսի հայ համայնքի զաւակներու հսկայ բազմութիւն մը իր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վաստակաւոր գործիչ, շրջանիս հասարակական կեանքին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցող, «Ասպարէզ» օրաթերթի նախկին խմբագիր Վահիկ Գիւրջեանին:
Թաղման արարողութեան ընթացքին, Վահիկ Գիւրջեանին՝ իբրեւ մարդ եւ գործիչ, իրենց գնահատանքի խօսքը յայտնեցին եղբայրը՝ իր կարգին հասարակական գործիչ Ռուբիկ Գիւրջեանը, [...]
November 24th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 21 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։00ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն՝ նուիրուած գրագէտ, հրապարակագիր, «Բագին»ի խմբագրապետ Յակոբ Պալեանի, որուն յօդուածներն ու գրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն «Ասպարէզ»ի եւ այլ զանազան հայատառ թերթերու մէջ։
Ներկայ էին գաղութի պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս [...]
November 24th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՏՐԵՍՏԸՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի, Նոյեմբերի 24ին Գերմանիա ժամանած է՝ ներկայ ըլլալու համար ճատրակի աշխարհի 38րդ ողիմպիականի ծիրէն ներս, Հայաստանի հաւաքականին ճակատագրական մրցումին: Այսօր կայանալիք 11րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին, Հայաստան պիտի ճակատի երրորդ դասուած Չինաստանի դէմ:
Կիրակի օր կայացած 10րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սերպիան՝ դարձեալ գրաւելով պարագլուխի [...]
November 24th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, անցեալ Կիրակի երեկոյեան, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի կազմակերպած նախաթելեթոնի տարեկան աւանդական ճաշկերոյթին ելոյթ ունենալով՝ անգամ մը եւս հաստատեց, որ «Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը այն բացառիկ արժէքներն են, որոնք ենթակայ չեն որեւէ սակարկութեան»:
Նախագահին ելոյթը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք մեր այսօրուան թիւին մէջ (Տես էջ 2):
Նախագահ Սահակեան, իր գլխաւորած [...]
November 24th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ստորեւ կը ներկայացնենք նախագահ Բակօ Սահակեանի ելոյթը՝ Կիրակի, 23 նոյեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Հայաթ Ռիճընսի Սենչըրի Փլազա հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան աւանդական ճաշկերոյթի ընթացքին:
Ես անչափ ուրախ եմ, որ կրկին առիթ ունեմ ողջունել ձեզ այս լեփ լեցուն դահլիճում, ինչը լաւագոյն վկայութիւնն է այն բանի, որ Արցախն ու Սփիւռքը միասին [...]
November 24th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայերէն լեզուին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու նահանջը ահազանգի պէտք է մատնէ մեր ազգային բոլոր մարմիններն ու կազմակերպութիւնները։ Ամերիկայի ափերուն վրայ ծնած մեր նոր սերունդը, որ իր դիմաց ունի հաճելի ժամանց տրամադրող անհամար խաղեր ու զբաղումներ, առհասարակ գիրի ու գրականութեան հանդէպ սիրոյ պակասը ունի, բացառութիւնները յարգելի են անշուշտ։ Հայերէն դասաւանդող ուսուցիչները, իրենց կարգին, կը դիմագրաւեն ձուլումի դէմ [...]
November 24th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Վրաստանի եւ Լեհաստանի նախագահները փոխադրող շքախումբին մօտ, Կիրակի, Նոյեմբեր 23ին հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է։ Հարաւային Օսէթիոյ մօտերը գտնուող անցարգելի մը վրայ պատահած դէպքին ընթացքին վիրաւորներ չեն արձանագրուած։ Վրացի պաշտօնատարները նշեցին, որ հրացանաձգութիւնը կատարուած է Հարաւային Օսէթիայէն, սակայն շրջանի ղեկավարութիւնը եւ Ռուսիա հերքեցին այդ տեղեկութիւնը:
Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլի եւ [...]
November 24th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նոյեմբեր 21ին, Հայաստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ՀԺԿ) նախագահ Ստեփան Դէմիրճեան, «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ Հայաստանի նախագահի Նոյեմբեր 20ի հանդիպումը կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ աւելի արդիւնաւէտ ձեւաչափ է հասարակական կարեւոր խնդիրները քննարկելու տեսակէտէն, քան Հասարակական պալատի որդեգրած ձեւաչափը, «որ պարզ չէ, թէ ի՞նչ հիմունքներով է ստեղծուել», ըսած է Դէմիրճեան:
Մայիսին, նախագահ Սերժ Սարգսեան [...]
November 24th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 22ին, Լիբանանը նշեց իր անկախութեան 65ամեակը՝ Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցած կեդրոնական տօնակատարութեամբ մը։ Հանդիսութեան ներկայ էին իշխանութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ինչպէս նաեւ՝ նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ դիւանագէտներ։ Նախագահական պալատին մէջ, Սլէյման, Պըրրի եւ Սինիորա շնորհաւորութիւններ ընդունեցին: Իրենց շնորհաւորութիւնները ներկայացուցին տարբեր կուսակցութեանց [...]
November 24th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ խորհրդարանը Կիրակի, Նոյեմբեր 23ին վաւերացուց նախագահական նստաշրջանը չորսէն վեց տարուան բարձրացնող սահմանադրական փոփոխութիւնը։
Առաջարկը, վերջին ընթերցումէ մը ետք, վաւերացուեցաւ 392 թեր եւ 57 դէմ քուէներով։ Քրեմլինի քննադատներ կը յայտնեն, որ փոփոխութեան կրնայ մաս կազմել նախկին նախագահ Վլատիմիր Փութինը իր պաշտօնին վերադարձնելու ծրագիր մը, թէեւ պաշտօնատարներ կը հերքեն այդ մէկը։
Խորհրդարանը, որ Փութինի [...]
November 24th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Պաշտօնական այցելութեամբ Լոս Անճելըս գտնուող Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21ի երեկոյեան այցելեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կեդրոնատեղին, ուր ընդունուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, ուղեկից կազմակերպութիւններու, Դաշնակցութեան համակիր այլ շրջանակներու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:
Նախարարը ողջունեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովան Թաշճեան, որ իր բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց [...]
November 24th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՇԻՔԱԿՕ, «Պլումպըրկ».- Երկրին գլխաւոր դրամական հաստատութիւններէն մէկը հանդիսացող «Սիթիկուփ»ը փրկելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան խոստացած քայլերը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, գոհունակութեամբ դիմաւորուեցան առեւտրական շուկաներուն կողմէ, միաժամանակ յաւելեալ բեր մը դնելով քաղաքացիներուն ուսերուն վրայ:
Արդարեւ, կառավարութիւնը, որ արդէն իսկ 25 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն մը տրամադրած էր, խոստացաւ 20 միլիառ տոլարի նոր ներդրում մը կատարել եւ [...]
November 24th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. «Արմենիանաու».- Իր երեքօրեայ այցելութեան վերջին օրը Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին կոշտ գնահատականներով արտայայտուեցաւ Մարտ 1ի իրադարձութիւններու հետաքննութեան եւ ԵԽԽՎի՝ Հայաստանի վերաբերեալ երկու բանաձեւերու թերի կատարման մասին, ըսելով, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները, ընդհանուր առմամբ, թերացած են Եւրոխորհուրդի պահանջները կատարելու հարցին առնչութեամբ: Հակառակ անոր, որ ան դրականօրէն գնահատեց Մարտ 1ի դէպքերը [...]
November 24th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍՏՀԿ) ժամանակաւոր նախագահ Էդուարդ Նալբանդեան, Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ դրական զարգացում նկատած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու «նորմալացման փուլ» անցնիլը:
«Թուրքիայի հետ շփումները կատարւում են ՍՏՀԿ քարտուղարութեան շրջանակում: Թուրքիայի նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի Երեւան կատարած այցից յետոյ, այժմ առիթ է [...]
November 24th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երէկ՝ Նոյեմբեր 23ին, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան յայտնած է, թէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն կողմէ ստորագրուած հռչակագիրը կը վկայէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գծով, Ռուսիոյ միջնորդի արդիւնաւէտ դերակատարութեան մասին: «Նախորդ տարիների կարգաւորման գործընթացն ապացուցել է, որ արդիւնաւէտութեան համար բանակցութիւններում պակասում է ամենաշահագրգիռ օղակը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը, որը կայացած պետութիւն է՝ միջազգային իրաւունքի նորմերի [...]
November 24th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չաւախքի ընդհանուր փոխանորդական առաջնորդութիւնը կը նախատեսէ կիրակնօրեայ դպրոցներ եւ խմբակներ հիմնել Չաւախքի կարգ մը բնակավայրերու մէջ:
«Արմէնփրէս»ի լրագրողին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին, Չաւախքի ընդհանուր փոխանորդական առաջնորդ Բաբգէն աբղ. Սալբիյեան յայտնեց, թէ ծրագիրը շատ կարեւոր է երեխաները հայեցիօրէն դաստիարակելու համար: Կառոյցներու դժուար հարցը լուծելու պարագային, Ախալքալաքի մէջ կը նախատեսուի բանալ Հայորդեաց տուն, ուր [...]
November 24th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ մէջ անցեալ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21ին ստորագրուած է համաձայնագիր՝ թրքախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողով ստեղծելու նպատակով: Փաստաթուղթը ստորագրած են Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի խորհրդարաններու ներկայացուցիչները, սակայն Թիւրքմէնիստան եւ Իւզպէքիստան մերժած են ստորագրել: Ատրպէյճանի խորհրդարանի մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի նախագահ Ռապիյաթ Ասլանովա յայտնեց, որ նման կառոյցի մը ստեղծման նպատակը այդ երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի եւս [...]
November 24th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Հայաստան ժամանած է թրքական պատուիրակութիւն մը, որ պիտի փորձէ քննարկել հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէջ առկայ խնդիրները: Հանդիպումները պաշտօնական չեն եւ պիտի իրականացուին հասարակական կազմակերպութիւններու եւ փորձագէտներու մակարդակով:
Միջազգային քաղաքական ծրագիրներով զբաղող թրքական «ԹԷՍԷՖ» կազմակերպութեան փորձագէտ Աիպաշ Կէօրկուլուն «Ռատիօլուր»ին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ սահմաններու բացման առումով դեռ շատ քարոզչութիւն եւ աշխատանք պէտք է [...]
November 24th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՎԱՏԻԿԱՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24ին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, հանդիպում մը ունեցաւ հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Պենետիքթ 16րդ պապին հետ: Պապը յիշեց հայութեան «անխօսելի տարապանքը»՝ ակնարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան, միաժամանակ դատապարտելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հալածանքը:
Անցեալ Մայիսին, պապը Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին «նահատակութիւն» որակումը գործածած էր, հակառակ այն իրողութեան, որ նոյն [...]
November 24th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Jane’s Intelligence հեղինակաւոր վերլուծական կեդրոնի հրապարակած վերջին զեկոյցին համաձայն, Վրաստանի հետ կարճատեւ պատերազմէն ետք, Ռուսիա աւելի կ’ամրապնդէ իր ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ: Անոր շնորհիւ է, որ կայացաւ Նոյեմբեր 2ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած հայ-ռուս-ատրպեճանական եռակողմ հռչակագիրը, հակառակ անոր, որ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման համաձայնութիւնը մօտալուտ չի թուիր ըլլալ, կ’ըսէ կեդրոնին տեղեկագիրը: Եւ այնուամէնայնիւ, ըստ Janes-ի, հռչակագիրը կը նպաստէ [...]
November 24th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կառավարութեան 2008ի «Մանկատան շրջանաւարտներ»ու ծրագիրին համաձայն, ՀՕՄը բնակարաններ պիտի տրամադրէ Մեղրիի որբ եւ անապաստան երեխաներու գիշերօթիկ դպրոցի 11 շրջանաւարտներու:
«Պետական աջակցութիւն՝ մանկատան շրջանաւարտներին» ծրագիրին հիման վրայ, ՀՕՄը 2008ի համար ընտրեց այս տարուան շահառուները՝ հին շրջանաւարտները: ՀՕՄը նոյն ծրագիրը պիտի իրականացնէ նաեւ 2009ի ընթացքին, իրենց 18 տարիները լրացուցած պատանիներու համար:
Միւս կողմէ, ՀՕՄի աջակցութեամբ այս տարի [...]
November 24th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 24ին, Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան բակէն ներս բացումը կատարուեցաւ հայկական դրամը խորհրդանշող յուշարձանին, որուն հեղինակն է քանդակագործ Էդուարդ Շախիկեանը: Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ճաւատեանի կողմէ:
«Անկախ պետութեան կայացման պայմաններում ծնունդ առած հայկական դրամը, կարելի է ասել, որ այսօր կայացած է եւ այս յուշարձանի միջոցով, իր խորհուրդը [...]
November 24th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական իսլամ արմատական կուսակցութեան մը թերթը հանդիսացող «Միլլի Կազէթ»ը կը տեղեկացնէ, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններ օրէնքի մը նախագիծը առաջադրած են, «օրինական վահան մը հաստատելու համար Ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ»:
Յատկանշական է, որ նախագիծը ներկայացուցած է այն օրերուն, երբ Թուրքիոյ վարչապետն ու նախագահը ամէն առիթ կ’օգտագործեն՝ կատարելու այն անհիմն պնդումը, թէ մինչ Թուրքիա [...]
November 21st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՀԵԴի Ֆրեզնոյի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի երեխաներուն խաղալիքներ հասցնելու նպատակով, ան արշաւի մը ձեռնարկած է: Անոնք, որոնք կը փափաքին խաղալիքներ նուիրել, կրնան կապ հաստատել Սեւակ Ճիէրեանին հետ, (559) 301-2439 թիւով կամ ayffresno@yahoo.com համացանցային հասցէին: Լոս Անճելըսի մէջ ապրողները կրնան խաղալիքները հասցնել Կլէնտէյլի ՀՅԴի գրասենեակ (104 N. Belmont St. 206), որու հեռաձայնի թիւն [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ լրացաւ ուղիղ մէկ տարին, երբ կեանքին հրաժեշտ տուաւ մեր արդի գրականութեան նշանաւոր վարպետներէն մէկը՝ անուանի արձակագիր, թատերագիր, բեմադրող, գեղանկարիչ Աղասի Այվազեանը (1925-2007):
Երէկ, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի գրողներու միութեան պատասխանատու անձերու, գրականութեան եւ արուեստի այլ գործիչներու, լրատուութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յուշատախտակի տեղադրման արարողութիւնը: Այվազեանի բնակած շէնքի պատին տեղադրուեցաւ քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանի [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Շաբաթ 15 Նոյեմբերին լոյս տեսած համարով, «Ապահարզան՝ Սիրիալի պատճառով» յօդուածին ի պատասխան, կը փափաքիմ սոյն երկտողը ղրկել ձեզի։ Շատ տեղին է մտահոգութիւնը հայկական կամ օտար շարք մը հաղորդումներուն կատարած ազդեցութիւններուն մասին, սակայն ծնողներուն կը վերապահուի տուներէն ներս ի՛նչ որակի եւ ոճի հաղորդումներ դիտելու առիթ շնորհելը երախաներուն։
Այս մէկը շարժառիթ ստեղծեց, որպէսզի ես ալ արտայայտեմ իմ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Տնտեսական քաղաքականութեան եւ իրաւական խորհրդատուութեան հայ-եւրոպական կեդրոնին (AEPLAC) կողմէ հրատարակուած «Հայաստանի տնտեսական զարգացումներ» տարեկան զեկոյցները, Հայաստանի տնտեսական զարգացումներուն գծով եւրոպական հայեացքներ են: 2007ի զեկոյցի գնահատականը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը ճիշդ ուղիով կը զարգանայ: Այս կարծիքը Նոյեմբեր 19ին յայտնեց Հայաստանի ֆինանսներու նախարար Տիգրան Դաւթեանը՝ «Հայաստանի տնտեսական զարգացումներ-2007» տարեկան զեկոյցի շնորհահանդէսին ընթացքին: Նախարարին խօսքերով, Հայաստանի [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Շաքարախտը հիւանդութիւն մըն է, որուն պարագային շարոյրի (pancreas) ներազդակ (hormon) ինսիւլինի արտադրութիւնը կը նուազի կամ բնաւ չ’արտադրուիր ու տեղի կ՚ունենայ արեան շաքարի քանակական բարձրացում։
Շատ մարդիք ժառանգականօրէն հակամէտ են շաքարախտ ունենալու, որուն յատկանիշը (trait) կը մնայ թաքուն, այսինքն այն անհատը, որ ունի այս յատկանիշը չի նշանակեր որ անպայման պիտի ունենայ շաքարախտ, այլ ինք կը մնայ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ երէկ իր աշխատանքները սկսաւ մանկական բժիշկներու միջազգային համաժողովը: Երկօրեայ համաժողովի ընթացքին հայ գործընկերներու հետ մանկաբուժութեան նոր ուղղութիւններու զարգացման, մանկական հիւանդութիւններու եւ մահացութիւններու կանխարգելման վերաբերեալ հարցեր կը քննարկեն Ռուսիայէն, Զուիցերիայէն եւ Ղարաբաղէն ժամանած մանկաբոյժներ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի, Հայաստանի մանկական բժիշկներու ընկերակցութեան նախագահ Արա Բաբլոյեան ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կիրակի, Հոկտեմբեր 26, 2008ի առաւօտեան ժամը 11-5, Իրանահայ միութեան Տիկնանց մասնաճիւղը գեղեցիկ մտայղացում էր ունեցել կազմակերպելու ցուցահանդէս-վաճառք՝ Մշակոյթի տօնի առիթով:
Իրանահայ միութեան Տիկնանց մասնաճիւղի նախագահ տիկ. Թերեզա Յակոբեանի հրաւէրով՝ հաճոյքն ունեցայ մասնակցելու եւ վայելելու միութեանս վարչակազմի եւ անդամուհիների ջերմ ու հարազատ վերաբերմունքը: Գնահատելի է Իրանահայ միութեան Տիկնանց բաժանմունքի այս քայլը այն իմաստով, որ մեր մտքերում [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կլէնտէյլ քաղաքի Առողջ համայնքի համախմբումը վերջերս շարք մը մրցանակներ շնորհած է համայնքին համար կամաւոր աշխատանք կատարող քաղաքացիներու: Անոնցմէ մէկն էր 16ամեայ Տէնի Մանասէրեան, որ ստացաւ «Թամ Միլըր» մրցանակը, հիւանդանոցներու մէջ հիւանդներու երաժշտական գործեր նուագելու սպասարկութեան համար:
Տէնի Մանասէրեան կը շարունակէ մնալ Կլէնտէյլի «Էտվէնթիստ» հիւանդանոցին «կամաւոր աշուղը»:
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՖՐԵԶՆՕ.- Պարլօ Տէր Մկրտիչեան վերջերս նշանակուած է Ֆրեզնոյի նահանգային համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ծրագրին համակարգող, ինչպէս նաեւ Հայագիտական ուսմանց կեդրոնի վարիչ: Ան վերջին 24 տարիներուն տարբեր պաշտօններ ստանձնած է ծրագրին մէջ եւ համալսարանէն ներս դասաւանդած է հայերէն լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ արուեստի վերաբերող նիւթեր:
UCLA-էն վկայուած Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է յատկապէս Ֆրեզնոյի նահանգային [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Յառաջիկայ Դեկտեմբեր 2-6, Պէյրութի մէջ պիտի գումարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը: Երկու տարի առաջ նախատեսուած այս կարեւոր ժողովը Լիբանանի քաղաքական վիճակին պատճառով ու ապահովական նկատառումներով յետաձգուած էր, եւ ահա, ի վերջոյ անոր գումարումը հնարաւոր կը դառնայ:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ժողովրդավարական հիմունքներով ընտրուած պատգամաւորներ, չորս օրերու ընթացքին պիտի քննարկեն եկեղեցիին ու ազգին [...]
November 21st, 2008
| Posted in Խմբագրական | Read More »
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի պատկերասփիւռի տարեկան մարաթոնի կազմակերպման աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան ներկայիս կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Եզրափակելով իր Պոսթընի այցելութիւնները՝ նախագահը Նոյեմբեր 20ին մեկնած է Նիւ Եորք, ուր մասնակցած է նշեալ հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած «ֆօնեթոն»ի մեկնարկին:
November 21st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Փանորամա».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Քալիֆորնիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցած է Հայ կրթական հիմնարկութեան, Հայ-ամերիկեան առեւտուրի պալատի, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, Միացեալ հայ երիտասարդներու կազմակերպութեան, հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ արք. Յովնան Տէրտէրեանի, ինչպէս նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
Հայ համայնքին հետ տեղի [...]
November 21st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Սփիւռքի նախարարի հետ հանդիպումը պէտք չէ անակնկալներ բերէր: Նախարարութեան պաշտօնականացումէն ու իր նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն առաջ ու ետք, տիկին Հրանոյշ Յակոբեան բազմաթիւ իր հանդիպումներու ու ասուլիսներու ընթացքին մանրամասնօրէն բացատրած էր նոր կառոյցին առջեւ դրուած խնդիրները, անոր գործունէութեան դաշտը, այդ գործունէութիւնը ղեկավարող սկզբունքներն ու ուղեցոյցը:
Անակնկալը այն մարդկային գիծն էր, որ Լոս Անճելըսի հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն [...]
November 21st, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՄՈՆԹԵՊԷԼԼՕ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 15ին, Մոնթեպէլլոյի ՀԵԴ «Վահան Քարտաշեան» ուխտը տօնախմբեց ոչ միայն իր հիմնադրութեան յիսնամեակը, այլ նաեւ՝ ՀԵԴի հիմնադրութեան 75ամեակը:
Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ եկեղեցիին «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը նաեւ շարունակութիւն մըն էր 1978ին սկսած աւանդութեան, որ հինգ տարին անգամ մը իրարու քով կը բերէ ՀԵԴի նախկին անդամները:
Ներկայ էին մօտաւորապէս հազար ՀԵԴականներ, մեծամասնութեամբ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկ երէկ շարունակած է իր հանդիպումները Երեւանի մէջ: Ան այցելած է Ազգային ժողով ու ընդունուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Համմըրպըրկ, որ նաեւ հանդիպած էր Մարտ մէկի իրադարձութեանց փաստահաւաք խումբի անդամներուն հետ, նշած է, որ նշեալ խումբին ստեղծումը սպասուած ու դրական քայլ է: Ան կարեւոր նկատած է փաստահաւաք [...]
November 21st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 30ի ու Նոյեմբեր 5ի երեկոյեան, Լոս Անճելըս գաւառի զանազան շրջաններէն մօտաւորապէս 70 հայ եւ օտար ուսուցիչներ մասնակցեցան «Facing History and Ourselves»ի կազմակերպած աշխատաժողովին, որուն նպատակն էր Հայկական Ցեղասպանութիւն դասաւանդելու նորարար միջոցներ եւ նիւթեր փոխանցել ուսուցիչներուն: Ծրագիրը կը հովանաւորէր Կլէնտէյլի միացեալ ուսումնաշրջանը:
Աշխատաժողովին առաջին նիստին քննուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան իրագործման դրդապատճառները, իսկ երկրորդ նիստին՝ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նոյեմբեր 19ին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է Լաթվիա: Նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը հաղորդած է, թէ Ռիկա գտնուող Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Լաթվիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարիս Ռիէքսինչի հետ:
Մ. Ռիէքսինչ նշած է, որ Լաթվիոյ իշխանութիւնները կարեւոր կը գտնեն Հայաստանի հետ համակողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը եւ պատրաստ են շօշափելի քայլերու [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Արիսթոմենէ Վարուտաքիս եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետը նշեց, որ Համաշխարհային դրամատան պատուիրակութեան այցելութիւնը ճիշդ ժամանակին է, որովհետեւ միջազգային ֆինանսական կառոյցներու օժանդակութիւնը այսօր չափազանց էական է մեր երկրին համար: Ակնկալուած եւս 250 միլիոն տոլարի լրացուցիչ օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի փոքր եւ միջին [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼԻՄԱՍՈԼ.- Այսօր՝ Նոյեմբեր 22ին Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մանկական «Եւրոտեսիլ 2008» երգի մրցումը, ուր Հայաստան պիտի ներկայացնէ Մոնիկա Մանուչարովա՝ Գիւմրիէն: Մրցումին պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ այս առիթով Սիրուշօ, որ Պելկրատի մէջ կայացած Եւրոտեսիլին գրաւած էր 4րդ դիրքը, ներկայ պիտի գտնուի Կիպրոս, որպէսզի քաջալերէ հայ մասնակիցը:
Մոնիկա Մանուչարովա 13 տարեկան է: Կիպրոսի [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կրկին հայ դպրոցը թեւատարած կը դիմաւորէր Հայ մշակոյթի ամիսը՝ Հոկտեմբերը, ու Թարգմանչաց տօնը, կը փառաբանէր մեծասքանչ Մեսրոպ Մաշտոցն ու անոր բերած նպաստը հայութեան։
Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանին մէջ, Հոկտեմբերին, ամբողջ դպրոցը պարուրուած էր Թարգմանչաց շունչով։ Դասարանները ու սրահը զարդարուած էին թարգմանիչներու եւ հայ մշակոյթին նուիրուած գրութիւններով ու նկարներով։ Հայոց պատմութեան ու հայ լեզուի [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Նոյեմբեր 14ի երեկոյեան, Թեհրանի Զէյթուն քաղաքամասի Հ.Մ. «Նայիրի» միութեան «Սուքերեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ Ազգային Ազատագրական շարժման 118ամեակը:
Ծրագիրը սկսաւ ՀՅԴի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արտոյտ Զոհրապեան: Ապա Սեդրակ Գոջամանեան ասմունքեց իր հեղինակած «Բազէ ծիրանի» բանաստեղծութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր Հայաստանէն այս առթիւ յատուկ հրաւիրուած ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Աժան խօսակցութեան ու բարոյական սնանկութեան հոտ բուրող բառ է բամբասանքը, որուն օգտագործման ձեւերուն մասին բացատրութիւն տալը աւելորդ է: Ձեւերը թէպէտ տարբեր, սակայն բամբասանքին նպատակը դրական չի՛ կրնար ըլլալ, այլ՝ միայն ժխտական: Միակ ճամբան, ուրկէ կրնայ անցնիլ անիկա, անհարթ ու կոպիտ գետինն է, որ անպայման ուղիղ քալող մարդն իսկ կը սայթաքեցնէ ու պատճառ կը դառնայ, որ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
Նոյեմբեր 20ին, ԼՂՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան, պատասխանելով ղարաբաղեան կարգաւորման վերջին զարգացումներու մասին տրուած հարցերուն՝ յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու տարածաշրջանային վերջին այցելութիւնը որեւէ նորութիւն կամ էական շեշտադրում չ’աւելցներ կարգաւորման ընդհանուր գործընթացին մէջ, իսկ անոնց յայտարարութիւնները կը ներշնչեն, թէ մօտակայ ապագային, «Ղարաբաղեան կարգաւորման հանգուցալուծման մասին խօսակցութիւնները կա՛մ չափազանցութիւն են, [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երիտասարդական ներշնչումով թէ երիտասարդներու ներշնչումով: «Էլեմընթ»ը երիտասարդներու ներշնչումով ստեղծուած խումբ է, կ’ըսէ Արա Տապանճեան: Երիտասարդներու քաջալերանքը, խրախուսանքը, հայկական վարժարաններու աշակերտներու խանդավառ ընդունելութիւնը եղած են խումբի մղիչ ուժը:
Արան իր երաժշտական ասպարէզ մուտքը կը տեսնէ իբրեւ տարիներու երազի իրականացում: Միշտ երազած է, ծրագրած է կեանքի ասպարէզի մէջ շահիլ, նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգել, ապա ինքզինք նուիրել իր [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
«ՓանԱրմինեըն.Նեթ».- Ատրպեճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ վերջերս Պաքու տեղի ունեցած «Ատրպէյճանը XXI դարուն՝ զարգացման մարտավարութիւն» կլոր սեղանի ասուլիսի մասնակիցներուն հետ հանդիպման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ բացի, Ատրպէյճանից եւ Հայաստանից, այլ կողմեր չկան: Դա միշտ էլ յայտնի է եղել, եւ այժմ այդ փաստը հաստատուած է Հայաստանի ղեկավարի կողմից Մոսկովեան [...]
November 21st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, հիմնուելով արդարդատութեան նախարարութեան տուեալներու վրայ՝ կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ կան 87 երկիրներէ 1533 օտարահպատակներ։ Ցանկին գլուխը կու գան Իրանցիները, որոնց թիւը 295 է։ 8 հայաստանցիներ եւս կան Թուրքիոյ բանտերուն մէջ։
November 21st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Մինչ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու միջոցներ կը փնտռուին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21ին ստորագրեց Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի կողմէ վաւերացուած այն բանաձեւը, որ մինչեւ 13 շաբաթ յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ անգործ դարձած ամերիկացիներուն, որոնք ներկայ օրէնքով առաւելագոյնը՝ 26 շաբաթով օժանդակութիւն կրնային ստանալ:
Նոյն օրը հրապարակուած հարցախոյզ մը հասած էր այն [...]
November 21st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Այս շաբթուան ընթացքին գոյացած համաձայնութեամբ մը, Վրաստան որոշած է իր գլխաւոր կազատարը յանձնել Ատրպէյճանի իշխանութեանց, անոր փոխարէն, Ատրպէյճան յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին, շուկայի գինէն աւելի նուազ արժէքով բնական կազ պիտի ծախէ Վրաստանի, որ նախապէս մեծ ծաւալով կազ կը ներածէր Ռուսիայէն: Համաձայնութեան շնորհիւ, Վրաստան Ատրպէյճանէն պիտի ներածէ իր կազի կարիքներուն մօտաւորապէս 80 տոկոսը: Խնդրոյ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ միակ քրտական քաղաքական կուսակցութեան՝ Ժողովրդավար ընկերութիւն կուսակցութեան պետ Ահմէտ Թիւրք, դարձեալ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18ի կուսակցութեան խմբակի նիստի ընթացքին եւ խստօրէն քննադատեց ցոյցերու ընթացքին ոստիկաններ քարկոծող երեխաներու դէմ պահանջուած ծանր պատիժները։ Կարգ մը երեխաներու նկատմամբ մինչեւ 23 տարի բանտարկութեան պատիժ կը պահանջուի, ըսաւ Թիւրք, որ հարց տուաւ, թէ քրտական հարցը [...]
November 21st, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մարտի 1-2ին Երեւան տեղի ունեցած իրադարձութիւններու եւ անոնց պատճառներու ուսումնասիրութեան ԱԺ ժամանակաւոր յանձնաժողովի նիստին, յանձնաժողովականները ունկնդրեցին փոխոստիկանապետեր Արմէն Երիցեանի եւ Յովհաննէս Յունանեանին վկայութիւնները:
Մինչ այդ, յանձնաժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան տեղեկացուց, թէ յանձնաժողովը հրաւիրած էր նաեւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ Լեւոն Զուրաբեան եւ Դաւիթ Շահնազարեանը՝ փոխոստիկանապետ Ալեքսանտր Աֆեանի հաղորդած որոշ տեղեկութիւններու նկատմամբ անոնց պարզաբանումները լսելու համար, [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ երէկ բացուեցաւ 18-20րդ դարերու արեւմտաեւրոպական ժամացոյցներու ցուցահանդէսը: Երկու տարուան վերանորոգման աշխատանքներէն ետք պատկերասրահի 43 անուն ժամացոյցներէն ցուցադրուեցան 37ը, որոնցմէ 4ը ներկայացուած էին համապատասխան կահոյքի նմուշներով եւ սկահակներու ու մոմակալներու հետ:
Պատկերասրահի փոխտնօրէն Յասմիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ այս ժամացոյցները ձեռք բերուած են տարբեր տարիներու ընթացքին, գնումներու եւ նուիրատուութիւններու շնորհիւ:
«Ցուցահանդէսում [...]
November 21st, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Իւրաքանչիւր տարի կը փափաքիք բան մը իրագործել, տան մէջ փոփոխութիւն մը մտցնել եւ անպայման պիտի տեսնէք թէ այդ մէկը ինչքա՜ն կը նպաստէ ձեր տրամադրութեան: Անշուշտ պայման չէ շատ մեծածախս ձեռնարկներ ըլլան:
Օրինակ պարզ ժապաւէնի մը վրայ կրնաք հաստ գրիչով անուշիկ ու իմաստուն կարճ խօսք մը գրել եւ ապա զայն դնել գինիի գաւաթներուն շուրջը: Սեղանին ճիշդ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Uncategorized | Read More »
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ամենէն ժողովրդական տօներէն է Գհաբանութեան Օրը: Տօն՝ որ կը զուգադիպի ամէն Նորեմբերի չորրորդ Հինգշաբթի օրուան:
Տօնը իւրայատուկ է Միացեալ Նահանգներուն, թէեւ՝ Քանատան եւս ունի իրը, որ կը տօնուի ամէն Հոկտեմբերի երկրորդ Երկուշաբթի օրը:
Տօնը, որ համազգային բնոյթ ունի, իր մէջ կը խտացնէ մարդկայնական ազնիւ գաղափարներ. երախտապարտութիւն, շնորհակալական զգացում, այլասիրութիւն, հիւրասիրութիւն, իրարօգնութիւն [...]
November 21st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի 38րդ ողիմպիականի 7րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրէն ներս, Հայաստանի տղոց հաւաքականը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ին շարունակեց իր յաղթական երթը, այս անգամ տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Ռուսիոյ հաւաքականին դէմ, որ այս տարուան ախոյեանութեան գլխաւոր յաւակնորդը կը նկատուի ու առաջին դասուած է:
Ճակատումին որբ յաղթանակը արձանագրեց Գաբրիէլ Սարգսեան, որ պարտութեան մատնեց Ալեքսանդր [...]
November 21st, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
«… Ուրա՞խ է կեանքը,
Տխո՞ւր, դաժա՞ն է,
Միշտ ժողովրդից երգն
անբաժան է.
Նա միշտ երգով է բանում
ու դատում,
Սիրում ու ատում,
Վիշտը փարատում.
Երգով է ուրախ,
Երգով է տխուր,
Երգով է վառւում, երգով է մխում.
Երգով է նա միշտ վարում
ու հերկում,
Մանում ու ներկում,
Երեխայ գրկում…».
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Կլէնտէյլ քաղաքը, որ համարւում է հայկական ամենամեծ գաղութը, իր մէջ է պարունակում զանազան ազգեր, որոնք հանդէս [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
The Dancer of the future will dance the freedom of woman
ISADORA DUNCAN
Մեր շուրջ, մեր մէջ, հեռու կամ մօտ, կան ստեղծագործական բնոյթի ծանօթ կամ նուազ ծանօթ խմբակցութիւններ, ի մասնաւորի պարախումբեր, որոնք ազգային հայակերտման իմաստով հրաշալի եւ յուսադրիչ երեւոյթներ են, յաճախ աւելի՛ քան արհեստավարժ անհատ արուեստագէտներու պարբերական հանդիսութիւնները, ա՛յն աստիճան, որ այս վերջինները իրենց խանդավառ [...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի տնօրէնութեան եւ շրջանաւարտներու համախմբումին, Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի Լիբանանի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 25ամեակի նախաձեռնութիւններուն անդրանիկ ձեռնարկը եւ երաժշտական երեկոներու շարքին առաջին հանդիսութիւնը՝ Մաթիլտ-Սանտրա Չոլաքեանի դաշնակի համերգը՝ ներկայութեամբ երաժշտասէրներու, քոլէճի ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
[...]
November 21st, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի քաղաքական ուժերու ղեկավարները երէկ հրաւիրած էր «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը» թեմայի դռնփակ քննարկման: Հինգ ժամ տեւած այս քննարկումին մասնակցած էին Հայաստանի շուրջ եօթանասուն կուսակցութիւններէն յիսունին ղեկավարները: Բացակայ եղած են Հայ ազգային Քոնկրէսի շարք մը կուսակցութիւններու ղեկավարներ: Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրաւիրուած չէ եղած քննարկման, որովհետեւ ան որեւէ կուսակցութեան [...]
November 20th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժնի «Սփիւռք» կեդրոնին մէջ, Նոյեմբեր 19ին տեղի ունեցաւ քննարկումը գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Նորայր Ադալեանի «Սեւ քառակուսի կարմիր անապատում» վէպին, որուն օրինակները նախօրօք ներկայացուած էին հաստատութեան դասախօսներուն եւ ուսանողութեան:
Ստեղծագործութիւնը հեղինակը խոնարհումով նուիրած է 1915 թուականի Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակներու անմահ ոգիներուն:
Գիրքի մասին իրենց [...]
November 20th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռայըն Քրաքըր Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ին յայտարարեց, թէ մէկ օր առաջ Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պէշիր Աթալայի ու իր միջեւ խորհրդակցութեանց հիման վրայ, որոշուած է եռակողմ մարմին մը կազմել՝ աւելի ազդու պայքար մը մղելու համար հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական [...]
November 20th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիա անցնող տարիներուն Հայաստանը շրջափակած է այն սին յոյսով, որ այդ քայլը
Հայաստանի ղեկավարներուն կրնայ ստիպել շարք մը ճակատներու վրայ Անգարային զիջումներ կատարել, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումէն հրաժարիլ, Թուրքիոյ հողային ամբողջականութեան ճանաչում եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի իշխանութիւն ընդունիլ։
Փոխարէնը, Թուրքիա կ’առաջարկէր շրջափակումը վերացնել եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել։
Հակառակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ միացեալ շրջափակման [...]
November 20th, 2008
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Փաքիստանի իշխանութիւնները Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ին, Փաքիստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին միջոցաւ բողոքեցին Փաքիստանի սահմաններէն ներս ամերիկեան յարձակումներուն դէմ՝ խստօրէն դատապարտելով զանոնք եւ միաժամանակ յոյս յայտնելով, թէ նման ոտնձգութիւնները կը դադրին, երբ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա ստանձնէ երկրին ղեկը: Մէկ օր առաջ, առանց օդաչուի ամերիկեան օդանաւ մը հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի մէջ բնակարանի մը [...]
November 20th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբերին, մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի մամլոյ 24րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայկական հարցերու հետապնդման նոր հեռանկարները՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ». օրուան զեկուցաբերն էր Քալիֆորնիոյ «Մաշտոց» քոլէճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան՝ ներկայութեամբ լիբանանահայ մտաւորականներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ անդրադառնալով օրուան [...]
November 20th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան հերթական նիստին, զոր վարեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, կառավարութիւնը որոշեց մասնաւոր փոքր ու միջին ձեռներէցութեան զարգացման վարկային ծրագրին ֆինանսաւորման նպատակով, կեդրոնական գանձապետարանին մէջ բացուած արտապիւտճէական դրամատնային հաշիւին միջոցներէն 17 միլիառ դրամ յատկացնել «Գերմանահայկական հիմնադրամ»ին:
«Մենք տրամադրում ենք 17 միլիարդ դրամ (շուրջ 50 միլիոն տոլար) Հայ-գերմանական հիմնադրամին: Հայ-գերմանական հիմնադրամը ստեղծուել [...]
November 20th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի տարեկան մարաթոնի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով:
Նոյեմբեր 19ին Բակօ Սահակեան Պոսթընի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ), ԱՄՆ Արեւելեան ափի ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ երիտասարդական միութեան, ՀՄԸՄի եւ «Համազգային» մշակութային միութեան ներկայացուցիչներու հետ: Միջոցառումը տեղի ունեցած է ՀՕՄի [...]
November 20th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՔԻՈՒԱՆՃԱ, Քոնկօ.- Արեւելեան Քոնկոյին Քաղաքացիական նորագոյն պատերազմը աւելի քան 250,000 հոգի տեղահան ըրած է վերջին քանի մը ամիսներուն. անոնց մէջ կան, ըստ ՄԱԿի տուեալներուն, մօտաւորապէս 1600 երեխաներ, որոնք բաժնուած են իրենց ընտանիքներէն:
Երեխաներէն երկուքը այս շաբթուան ընթացքին կրցած են միանալ իրենց մօր ու մեծ մօր, շնորհիւ «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան լրագրող-լուսանկարիչ Ժերոմ Տիլէյ, որ երեխաներուն ծանօթացած [...]
November 20th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Նոյեմբեր 18ին ձեռնարկեց Լոս Անճելըսի հայկական կազմակերպութիւններուն հետ իր ունենալիք հանդիպումներու շարքին:
Լոս Անճելըսի մօտ հայկական հիւպատոսարանին մէջ, նախարարը կ.ա. ժամը 10:30ին հանդիպեցաւ շրջանիս հայ տպագիր մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ՝ անոնց փոխանցելով իր ղեկավարած կառոյցին անմիջական ու հետագայ ծրագիրները, որոնք ամբողջութեամբ կը միտին կազմակերպուած Սփիւռք-Հայաստան կամրջումը առաւել ամուր հիմքերու [...]
November 20th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ուրուկուէահայ գաղութին տուած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի առաջին հանդիպումը եղաւ «Կոմիտաս» ռատիօժամի սեփական շէնքն ու լսարանը, ուր ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը, որմէ կը ներկայացնենք հետեւեալ հատուածները.
Ողջունելով գաղութին անդամները՝ Յակոբեան յայտնեց. «Ես շատ ուրախ եմ, որ այս հեռաւոր երկրին մէջ, իմ հայրենակիցներս եկած ու հաստատուած են, ստեղծած են գեղեցիկ գաղութ մը, [...]
November 20th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«ՓանԱրմինեըն.Նեթ».- Նոյեմբեր 24ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը մէկօրեայ այցելութեամբ պիտի մեկնի Պոլիս, ուր պիտի հանդիպի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանի հետ եւ պիտի մասնակցի ՍՏՀԿ Քարտուղարութեան նիստին: Էդուարդ Նալբանդեան պիտի ներկայացնէ կազմակերպութեան գործունէութեան ծրագիրը հետագայ 6 ամիսներուն համար, որոնց ընթացքին Հայաստանը պիտի ստանձնէ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը:
Երէկ՝ Նոյեմբեր 20ին, Թուրքիոյ [...]
November 20th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային դրամը շրջանառութեան մէջ անցնելու 15ամեակին առթիւ կը նախատեսուին շարք մը միջոցառումներ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը կը տեղեկացնէ, թէ միջոցառումներու ծիրէն ներս Հայաստանի ԿԴի նախագահ Արթուր Ճաւատեանի հրաւէրով, Նոյեմբեր 21-22ին Հայաստան պիտի ժամանեն Միջազգային ֆինանսական աշխարհէն հիւրեր:
Նոյն ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 22ին տեղի պիտի ունենայ հայկական դրամի յուշարձանի բացում:
November 20th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հաճընցիները, իւրաքանչիւր Հոկտեմբերին, ուր որ ալ գտնուին աշխարհի չորս ծագերուն, երբեք չեն մոռնար ոգեկոչել եւ ըստ արժանւոյն յարգել անմահ յիշատակը Հաճնոյ հերոսամարտին, ինչպէս նաեւ՝ համայն հայութեան եւ Արցախի նահատակներուն:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՃԸՆ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՉ
Հոկտեմբերի սկիզբը, Հայաստանի Նոր Հաճըն քաղաքի քաղաքապետ Գէորգ Աւետիսեան, հրաւէր յղած է Հաճնոյ հայրենակցական միութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի [...]
November 20th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հրոսակէ աւելի ոճրագործ, մարդասպան: «Մարմարա» կ’անդրադառնայ թրքական «ԹՌԹ» կայանի կողմէ մօտակայ ժամանակներս ցուցադրուելիք (թերեւս արդէն ցուցադրուած է) հաղորդաշարի մը մասին, ուր պիտի ներկայացուի Իփսիզ Ռէչէփ կոչուած անձի մը կենսագրութիւնը: Այս մարդը նոյնիսկ թրքական պատմութեան մէջ հակասական բնութագրումներով կը յիշուի:
«Ոմանց համաձայն, եւ ըստ պաշտօնական պատմութեան, ան ազգային ազատագրումի պատերազմի հերոսներէն մէկն է. ուրիշներու համաձայն ալ, [...]
November 20th, 2008
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Վահիկ Գիւրջեանը ծնուել է 1940 թուի Հոկտեմբեր 7ին, Պարսկաստանի Քերմանշահ քաղաքում, լինելով Արշակ եւ Ժենիկ Գիւրջեանների երկրորդ զաւակը:
Գիւրջեան ընտանիքը 1945 թուին փոխադրուել է Թեհրան, ուր Վահիկը ստացել է իր տարրական միջնակարգ կրթութիւնը՝ Հայոց Ազգային Դաւթեան-Քուշեշ դպրոցում: Աշակերտական տարիներին ղեկավարել է Թեհրանի ՀՅԴի Պատանեկական Միութիւնը:
Միջնակարգն աւարտելուց յետոյ, հիմնադրեց Թեհրանի Ազգային Դպրոցների Շրջանաւարտների Միութիւնը [...]
November 20th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, երէկ, «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան զարգացման միտումները՝ ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնից» թեմայով քննարկման ընթացքին յայտարարած է, թէ ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու համար, Հայաստան իր արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ պէտք է մշակէ հայեցակարգ մը, որ պայմանականօրէն կարելի է անուանել «Երկակի զսպման քաղաքականութիւն»: Քննարկումը կազմակերպուած էր Քաղաքացիական հասարակութեան եւ [...]
November 20th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմըրպըրկ երէկ հանդիպած է Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի, փաստահաւաք խումբին եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին հետ:
Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը նախ հանդիպած է Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանի հետ: «Տարբեր հարցերի մասին խօսք գնաց՝ կապուած կալանաւորուած անձանց հետ», Ազատութիւն ռատիօկայանին յայտնած է [...]
November 20th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը հրատարակած է Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Ֆարուք Լօղօղլուի կողմէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամայի յղուած նամակը, ուր ան անգամ մը եւս կոչ կ’ընէ Օպամային չյարգելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումը:
«Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները իւրայատուկ են: Թուրքիան միակ իսլամական երկիրն է, որ, իբրեւ ՆԱԹՕի անդամ, կը հանդիսանայ Ամերիկայի գործընկերը: Ընդհանուր արժէքներն ու [...]
November 20th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնով շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի շնորհաւորական պատգամին համար։ Հեռաձայնային կապով երկու նախագահները խօսեցան կարգ մը հարցերու մասին, որոնցմէ մէկն էր բնականաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարը։ Օպամա ըսաւ, որ Թուրքիոյ կը զօրակցի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ եւ կը հաւատայ, որ Թուրքիա իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան համար ահաբեկչութեան դէմ [...]
November 20th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ռոյթըրզ».- Հետզհետէ աւելի տարածուող անգործութիւնը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 20ին շարունակեց իր բացասական ազդեցութիւնը ունենալ տնտեսութեան եւ բաժնետոմսերու շուկային վրայ: Արդարեւ, Հինգշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ առաջին անգամ անգործութեան ապահովուագրութենէն օժանդակութիւն ստանալու դիմում կատարողներուն թիւը անցեալ շաբաթ հասած է 542,000ի, ինչ որ 16 տարիներու ընթացքին բարձրագոյն թիւն է: Տնտեսագէտներ կ’ակնկալէին, որ այդ թիւը 505,000 ըլլար:
Միաժամանակ, [...]
November 20th, 2008
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի վեհարանին մէջ ընդունեց Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամները։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը պաշտօնական հանդիպումով, միութեան հիմնադրութեան 90ամեակի տօնակատարութեանց շրջագիծին մէջ, տեղեկութիւններ փոխանցեց նորին սրբութեան, իր աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։
Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄի ծառայութիւնը՝ մեր նոր սերունդին մէջ հայու ոգի, նուիրումի կամք եւ ծառայասիրութիւն [...]
November 20th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ.- Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած բարեգործական համերգով Նոյեմբեր 8ին, Լոնտոնի «Սմիթ» հրապարակի «Սենթ ճոնզ» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը՝ փրոֆ. Տիգրան Հեքեքեանի խմբավարութեամբ:
Անգլիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան աջակցութեամբ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կազմակերպած այս համերգին հասոյթը պիտի յատկացուի ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին զոհուած կամ առաջին կարգի հաշմանդամ դարձած մարտիկներուն մինչեւ 17 տարեկան երեխաներուն, ամսական [...]
November 20th, 2008
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Նոյեմբեր 18ի, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան «Ա1 »ին յայտնած է, թէ «Հայփոսթի» տնօրէնի համացանցային նամակ-հաղորդագրութեան գծով հետաքննութիւն սկսած է:
Երեւանի մէջ երկու անգամ յարձակման եւ ծեծի ենթարկուելէ ետք, «Հայփոսթ» ընկերութեան հոլանտացի տնօրէն Հանս Պոն, որ կը տնօրինէր «Հայփոսթ»ը 2007ի Յուլիսի 25էն ի վեր, հեռացած է Հայաստանէն եւ վերադարձած է իր հայրենիքը, ուրկէ հեռակայ հրաժարականի դիմում [...]
November 20th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ին, ամերիկեան «Էքսոն Մոպիլ»ը Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն մը կնքեց, Սեւ ծովուն յատակէն քարիւղի եւ բնական կազ արտադրելու նպատակով: Համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Հիլմի Կիւլէրի ու «Էքսոն Մոպիլ»ի փոխտնօրէն Էլվին Կրիֆիթսի կողմէ:
Ըստ թուրք նախարարին, ուժանիւթի բացայայտման աշխատանքները կրնան 450 միլիոն տոլար արժել, յոյս յայտնելով, որ 10 միլիառ տակառ քարիւղ կարելի [...]
November 20th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Նոր հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ տնտեսական ճգնաժամին դէմ Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաունի որդեգրած միջոցառումները, իր ղեկավարած Աշխատաւորական կուսակցութեան դիրքը բարելաւած են։ Բրիտանական «Թայմզ» թերթին համար կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը նախորդ ամսուան արդիւնքէն 5 կէտի բարձրացում արձանագրելով՝ կը վայելէ քուէարկողներուն 35 առ հարիւրին զօրակցութիւնը, իսկ Պահպանողական կուսակցութիւնը չորս կէտով նահանջած [...]
November 20th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆօ».- Վերջերս Ախալքլաքի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, շրջանին մէջ կազմակերպուեցաւ ֆութպոլային մրցաշարք, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքի եւ տարբեր գիւղերու շուրջ 30 խումբեր: 13 Նոյեմբերի Կիսաեզրափակիչ յանգրուանին հասան 16 խումբեր, իսկ եզրափակիչին՝ հանդիպեցան Ախալքալաքի մարմնակրթութեան դպրոցի եւ «Աբուլ» խումբերը: Խաղի արդիւնքով 3-1 հաշիւով յաղթեցին մարմնակրթութեան դպրոցի պատանի ֆութպոլիստները, որոնք պարգեւատրուեցան շրջանային վարչութեան կողմէ նախատեսուած գաւաթով (մարզիչ՝ [...]
November 19th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19ին հաղորդուեցաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին նոր բնակարաններու կառուցումը յաջորդական չորրորդ ամիսն ըլլալով դանդաղած է: Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին այս նահանջը 4.5 առ հարիւրով եղած է, ինչ որ մեծագոյն նահանջն է 1991էն ի վեր:
Նաեւ, աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ սպառողական գիներու ցուցակը մէկ տոկոսով նահանջ մը արձանագրած է, մեծ մասամբ՝ շնորհիւ [...]
November 19th, 2008
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութիւններու նպատակով, Պալթեան ծովու երկիրները գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ՝ Նոյեմբեր 19ին, հանդիպած է Լիթվանիոյ հանրապետութեան նախագահ Վալտաս Ատամքուսի հետ: Լուրը հաղորդած ԱԳՆ մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը նաեւ յայտնեց, թէ նախարար Նալբանդեան այցելած է Լիթվանիոյ պետական համալսարան:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 19-20ին տեղի պիտի ունենայ Է. Նալբանդեանի այցելութիւնը նաեւ Լաթվիա, [...]
November 19th, 2008
| Posted in Հայաստան | Read More »