Home » December 31st, 2008Entries posted on “December, 2008”

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ճակատային Գիծ Կ’այցելէ

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ճակատային Գիծ Կ’այցելէ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ տրաուան վերջին օրը այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանային զինուած ուժերու գիծ եւ շնորհաւորած է դիրքերը պաշտպանող զինուորներու Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը:
Նախապէս, նախագահը այցելած էր Մարտակերտ եւ մասնակցած բարձր ճնշման կազի մայրուղիի շահագործման յանձնումի կապակցութեամբ՝ խորհրդանշական ջահի վառման արարողութեան:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է Մարտակերտը [...]

December 31st, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՄԵԿՆՈՂ ԲԱՅՑ ՄՆԱՑՈՂ ԴԷՄՔԵՐ Ստրուկ Ափրիկէէն Պայթած Ազատութեան Ձայն Մը՝ Միրիամ Մաքեպա

ՄԵԿՆՈՂ ԲԱՅՑ ՄՆԱՑՈՂ ԴԷՄՔԵՐ Ստրուկ Ափրիկէէն Պայթած Ազատութեան Ձայն Մը՝ Միրիամ Մաքեպա

Նոյեմբեր 9էն 10 լուսցող գիշերը, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մօտակայ աւանի մը մէջ յանկարծ լռութեան մատնուեցաւ ազատատենչ ու յեղափոխական երգչուհիի մը ձայնը. Միրիամ Մաքեպա, 76 տարեկան հասակին, խտրականութեան ու մաֆիաներու դէմ պայքարի համար կազմակերպուած երգահանդէսի մը ընթացքին, 9 Նոյեմբերի գիշերը, իր հռչակաւոր մէկ երգը՝ «Փաթա-Փաթա»ն կատարելու պահուն, ինկաւ բեմին վրայ ու քանի մը ժամ ետք մեկնեցաւ [...]

December 31st, 2008

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ՄԻՆՉ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՉ՝ ՄԱԿի Ընդհանուր Քարտուղարը Կը Քննադատէ Աշխարհի Ղեկավարները

ՄԻՆՉ ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՉ՝ ՄԱԿի Ընդհանուր Քարտուղարը Կը Քննադատէ Աշխարհի Ղեկավարները

ԿԱԶԱ, ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31ին, Իսրայէլի իշխանութիւնները անտեսեցին մարդասիրական զինադադար մը հաստատելու միջազգային կոչերը, շարունակելով ծանրօրէն ռմբակոծել Կազան: Պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութիւնը եւս շարունակեց ռմբակոծել Իսրայէլէն ներս թիրախներ, անշուշտ Իսրայէլէն շատ աւելի նուազ տարողութեամբ:
Իր կարգին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն քննադատեց աշխարհի ղեկավարները, որովհետեւ անոնք բաւարար ջանք չեն թափեր Կազայի մէջ գործուող բռնարարքներու [...]

December 31st, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան Մասին» Գիտաժողովի 60Ամեակին Նուիրուած Միջոցառում Թեհրանի Մէջ

ՄԱԿի «Ցեղասպանութեան Մասին» Գիտաժողովի 60Ամեակին Նուիրուած Միջոցառում Թեհրանի Մէջ

ԹԵՀՐԱՆ.- ՄԱԿի «Ցեղասպանութիւն յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժ սահմանելու մասին» գիտաժողովի 60ամեակին նուիրուած միջոցառում մը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 13ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Իրանի Իսլ. հանրապետութեան մօտ Հայաստանի դեսպանատան, համագործակցութեամբ Թեհրանի «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան Հայ Դատի գրասենեակին:
Ընթացքին ելոյթով հանդէս եկան Իրանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակի ղեկավար-համակարգող Կնութ Օսթպի եւ Թեհրանի հայոց [...]

December 31st, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ Հայ Ճատրակի Վարպետները, Ծանրաբարձներն Ու Ռոնալտոն

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ Հայ Ճատրակի Վարպետները, Ծանրաբարձներն Ու Ռոնալտոն

ԵՐԵՒԱՆ.- 2008ը լեցուն էր մարզական իրադարձութիւններով։ «Զոյգ» տարիները ընդհանրապէս աւելի ճոխ կ’ըլլան մարզական ոլորտի համար։ Հայկական լրատու գործակալութիւնները, ամփոփելով տարին՝ ներկայացուցին Հայաստանի ու համաշխարհային մարզական տարուան կարեւոր տասը իրադարձութիւնները։
1.- «ՊԷՅԺԻՆԿ – 2008»
Օգոստոսին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյժինկի մէջ կայացան ամառնային Ողիմպիական խաղերը։ Ինչպէս կ’ակնկալուէր, խաղերը կայացան չինացիներու բացայայտ առաւելութեամբ։ Չինաստանի անունով ողիմպիականին մասնակցող մարզիկները 51 [...]

December 31st, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Մեսրոպեանի Աշակերտները Թիֆլիսի Արքունիքին Մէջ

Մեսրոպեանի Աշակերտները Թիֆլիսի Արքունիքին Մէջ

Նոյեմբեր 7, 2008, Ուրբաթ երեկոյեան, Հոլիվուտի Պարնզտէլ թատերասրահին մէջ Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանի աշակերտները անմոռանալի մի քանի ժամեր պարգեւեցին իրենց ծնողներուն եւ բոլոր ներկաներուն։
Ժողովրդական երգերու եւ աշուղներու նուիրուած երեկոյ մըն էր այս մէկը.Եթէ պիտի խօսինք
աշուղներու մասին, մեզմէ շատերուն ականջներուն մէջ պիտի հնչեն քամանչայի մը հեծեծանքները։ Մեր աչքերուն առջեւ պիտի ներկայանայ գեղադէմ Սայաթ Նովան՝ իր սուր [...]

December 31st, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Վրաստանի Մէջ Անտեղեակ Են Հայկական Եկեղեցիներու Խնդիրներէն

Վրաստանի Մէջ Անտեղեակ Են Հայկական Եկեղեցիներու Խնդիրներէն

ԵՐԵՒԱՆ. «Ռատիօլուր».- Հայաստանի ուսանողական ֆորումի նախաձեռնութեամբ, Դեկտեմբեր 29ին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ Եւրոպական երիտասարդական համաժողով՝ տարածաշրջանի երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրները ներկայացնելու եւ արծարծելու համար։ Այս նպատակով Հայաստան ժամանած էին Վրաստանի, Ռուսիոյ, Մոլտովայի եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ։
Հայաստանի ուսանողական ֆորումի ղեկավար Հայկ Ակարմազեանի փոխանցումով, տարածաշրջանի երիտասարդներու առաջին քննարկումը նուիրուած էր հայ-վրացական յարաբերութիւններուն, յատկապէս՝ Թիֆլիսի հայկական եկեղեցւոյ առնչուող [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Կոչ՝ Պահպանելու Համար Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը

Կոչ՝ Պահպանելու Համար Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 2-6ին Երեւանի եւ Օշականի մէջ կազմակերպուած «Մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը Հայաստանի հանրապետութիւնում եւ արտերկրում» կլոր սեղանի մասնակիցները հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն միջոցով անոնք դիմում ըրած են Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան, ԻԿՕՄՕՍ/Հայաստան հասարակական կազմակերպութեան, RAA կազմակերպութեան, Պատմական յուշարձաններու հայկական ընկերութեան եւ շահագրգիռ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու, անոնց կոչ ընելով, որ աշխուժացնեն գործունէութիւնն ու աշխատանքը՝ ի [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Կազա Մարդասիրական Օժանդակութիւն Հասցնել Փորձող Նաւը Լիբանան Կ’ապաստանի

Կազա Մարդասիրական Օժանդակութիւն Հասցնել Փորձող Նաւը Լիբանան Կ’ապաստանի

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյման կոչ ուղղեց փրկելու «Քարամա» կոչուած նաւը, որ կը փորձէր Կազա հասնիլ, պաղեստինցի քաղաքացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու նպատակով։
Նշենք, որ այդ նաւը առաջին անգամ չէ, որ մարդասիրական օժանդակութիւն կը փոխադրէ պաղեստինցիներուն. անիկա բազմիցս Լառնաքայէն Կազայի նաւահանգիստ կրցած է մարդասիրական, բժշկական եւ սննդեղէնի օժանդակութիւն հասցնել, սակայն այդ նաւը, այս շաբթուան [...]

December 31st, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Սղաճի Զսպումը Կեդրոնական Դրամատան Պարտականութիւնն Է

Սղաճի Զսպումը Կեդրոնական Դրամատան Պարտականութիւնն Է

ԵՐԵՒԱՆ. «ԱրմենիաՆաու».- «Հայելի» ակումբէն ներս վերջերս հանդիպումի հրաւիրուած էին իշխանամէտ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Վարդան Բոստանջեան եւ անոր ընդդիմախօս՝ Կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ Բագրատ Ասատրեան:
Վ. Բոստանջեան անհրաժեշտ գտած է Կեդրոնական դրամատան կողմէ առնուած՝ տեղական շուկային մէջ արտասահմանեան դրամանիշներ շրջանառութեան մէջ դնելու քայլը: Ըստ անոր, ԿԴի կողմէ նման միջամտութիւն կարեւոր է, որովհետեւ տոլարի պահանջք կայ [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Հիմնարկէք՝ Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ Քաղաքին Մէջ

Ս. Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ Հիմնարկէք՝ Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ Քաղաքին Մէջ

Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ թեմի մամլոյ դիւանը Դեկտեմբեր 26ին հաղորդեց, թէ գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանաներուն, Դեկտեմբեր 21ին Ռուսիոյ մեծագոյն քաղաքներէն Նիժնի Նովկորոտի մէջ կատարուեցաւ Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ հիմնարկէքը:
Արարողութեան ընթացքին, ըստ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան, 16 հիմնաքարեր լուացուեցան ջուրով, գինիով եւ սրբագործուեցան սրբալոյս միւռոնով: Յաջորդ օրը, Նիժնի Նովկորոտի մարզային հայ համայնքի [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հրայր Մարուխեան-Մահուան 10Ամեակ (1928-1998) Մարուխեանի Քայլած Ուղին Նրա Ֆիզիքական Հեռացումով Չի Հատուի

Հրայր Մարուխեան-Մահուան 10Ամեակ (1928-1998) Մարուխեանի Քայլած Ուղին Նրա Ֆիզիքական Հեռացումով Չի Հատուի

Հանրային կեանքում եւ հասարակութեան մէջ երբեմն հանդէս են գալիս դէմքեր, որոնց մենք մոռանալ չենք կարողանում, նոյնիսկ՝ նրանց հեռանալուց յետոյ: Իսկ նրանցից ոմանց մեր յիշողութիւններում յաւերժացնելու համար՝ յատուկ ճիգ ենք գործ դնում: Ցանկանում ենք միշտ յիշել, մեր սրտերում ու մտքերում միշտ վառ պահել նրանց յիշատակը, ոչ թէ առ ի երախտագիտութիւն կեանքում նրանց կատարած մեծ գործերի համար [...]

December 31st, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հրայր Մարուխեան՝ Գաղափարի Մարտիկ

Հրայր Մարուխեան՝ Գաղափարի Մարտիկ

Երբ քաղաքական գործիչի գաղափարները եւ գործը կը գերազանցեն իր ապրած կեանքի շրջանը, երբ այդ անձի քաղաքական կտակը կը դառնայ առաջնորդող դրօշակ՝ իրեն յաջորդող սերունդներուն համար, կարելի է հաստատել, որ այդ քաղաքական գործիչը մտած է վերջնականապէս իր ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Հրայր Մարուխեան իր ամբողջ կուսակցական կեանքի ընթացքին եղաւ ստեղծագործ, պայմաններուն չյարմարող, գաղափարապաշտ եւ քաջ դաշնակցական ղեկավար, [...]

December 31st, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՆՕՔ Յարգելի խմբագրութիւն՝ «Ասպարէզ» Օրաթերթի

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՆՕՔ Յարգելի խմբագրութիւն՝ «Ասպարէզ» Օրաթերթի

Ասում են լաւ է ուշ քան երբեք։ Այդպէս էլ եղաւ։ Ի վերջոյ երկար սպասումից յետոյ, «Ասպարէզ»ի Դեկտեմբերի 23ի համարի առաջին էջի վրայ գլխալուրի տառերով գրուեց «ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարի օգնականը» փոխարէն՝ սխալ սովորութեամբ գրուող «ԱՄՆի պետական քարտուղարի օգնականը» արտայայտութեան։
Մօտաւորապէս ութ տարի առաջ, այսինքն՝ 2003ի Օգոստոս 27ին, մի նամակ էի գրել «Ասպարէզ» օրաթերթին, որում նշել [...]

December 31st, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Համաներում՝ Վրաստանի 250 Բանտարկեալներու

Համաներում՝ Վրաստանի 250 Բանտարկեալներու

ԹԻՖԼԻՍ, «Թրենտ».- Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլի Դեկտեմբեր 31ին՝ Նոր տարուան գիշերը, համաներում շնորհեց 250 բանտարկեալներու, որոնցմէ 150ը արդէն ազատ արձակուած է: 80 բանտարկեալի ներումը եկած է ի պատասխան ներման յանձնաժողովին, իսկ մնացեալը՝ վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ հայրապետ Իլիա Բ. պատրիարքի միջնորդութեամբ:

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Նոր Տարուան Ուղերձը

Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Նոր Տարուան Ուղերձը

Յարգելի՛ հայրենակիցներ:
2008 թուականին մենք հրաժեշտ ենք տալիս երկակի զգացումով: Մի կողմից դա մեր ցաւալի կորուստներն էին եւ բացթողումները, ինչի համար հայցում ենք Ձեր ներողամտութիւնը: Միւս կողմից՝ դա մեր քաղաքացիների եռանդուն եւ նուիրական աշխատանքի արդիւնքներն են, որի շնորհիւ դիմակայեցինք եւ յաղթահարեցինք բազմաթիւ փորձութիւններ:
Քաղելով դասեր անցեալից՝ մենք բոլորս մտածում ենք ապագայի մասին: Ինչպիսի՞ն է լինելու [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հաւաքականի Ընդմէջէն

Հաւաքականի Ընդմէջէն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը աւանդական հասկացողութեամբ առաջնորդի գաղափարը մերժած է ու իր գործիչներու ու ղեկավարներու բերանով յաճախ կրկնած է, որ կը շարունակէ հաւաքական ղեկավարութեան գաղափարի ջատագովումը:
Դաշնակցութիւնը արդարօրէն հպարտացած է անցեալին, ու ներկայիս ալ կը հպարտանայ, որ անփոխարինելի ղեկավարներով չ’առաջնորդուիր իր կազմակերպական հզօր մեքենան, եւ որ միշտ կան գործը շարունակողներ, որոնք կը դառնան հաւաքական կամքի արտայայտողներ:
[...]

December 31st, 2008

| Posted in Օրը Օրին | Read More »

Ըստ Ատրպէյճանցի Քաղաքագէտին ԱՄՆի Համար Ղարաբաղի Հարցը Առաջնահերթ Չէ

Ըստ Ատրպէյճանցի Քաղաքագէտին ԱՄՆի Համար Ղարաբաղի Հարցը Առաջնահերթ Չէ

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական մամուլի ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ քաղաքական վերլուծող Ռասիմ Մուսապայեւի գնահատումով, ԵԱՀԿի ֆրանսացի եւ ռուս համանախագահները պիտի շարունակեն ճիգ թափել կարգաւորելու համար ղարաբաղեան հարցը, մինչ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իր ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ այլ խնդիրներու վրայ:
«Միացեալ Նահանգներու նոր կառավարութիւնը ունի իր առաջնահերթութիւնները, որոնք կը վերաբերին Իրաքին, Իրանին, Միջին Արեւելքին, Աֆղանիստանին եւ այլ շրջաններու: Օպամայի [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Թուրք-Հայկական Շարժանկարը՝ Սահմանային Խնդիրներու Առարկայ

Թուրք-Հայկական Շարժանկարը՝ Սահմանային Խնդիրներու Առարկայ

ԱՆԳԱՐԱ.- Մինչ Թուրքիա եւ Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման քայլերու կը նախաձեռնեն, շարժանկար արտադրող թուրք եւ հայ խմբակի մը վաւերագրական ֆիլմ մը կը բռնագրաւուի՝ երկու երկիրներու սահմանային օրէնքներու բարդութեանց պատճառով:
«Արազի Վաւերագրականը» խորագրեալ ֆիլմը փորձ մըն է ի յայտ բերելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հասարակաց արժէքները. հոն գլխաւոր դերը վերապահուած է երկու կողմերը իրարմէ բաժնող եւ իրարու [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Ս. Պատարագ՝ «Արարատ» Տան Մէջ

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Ս. Պատարագ՝ «Արարատ» Տան Մէջ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, տնօրինութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Ուրբաթ, 2 Յունուար 2009ի առաւօտուն, յատուկ ժամերգութիւն եւ Ս. պատարագ տեղի պիտի ունենայ «Արարատ» տան Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ։
Ժամը 10:00ին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժամերգութիւն, իսկ ժամը 10։30ին, մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. պատարագ։ Պիտի պատարագէ եւ [...]

December 31st, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Ամերիկացիներու Միայն 23 Տոկոսը Դժգոհ Է Պուշի Հեռացումով

Ամերիկացիներու Միայն 23 Տոկոսը Դժգոհ Է Պուշի Հեռացումով

ՈՒԱՇԻՆԹԸՆ.- «Սի.Էն.Էն.»ի համար կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, ամերիկացիներու միայն 23 տոկոսը դժգոհ է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ Յունուար 20ին պիտի հեռանայ Սպիտակ տունէն։ Միաժամանակ, հարցախոյզի մասնակիցներու 75 տոկոսը յայտնած է, թէ ուրախ է Պուշի հեռացումով։
Բնակչութեան համակրանքի ցուցանիշով, Ճորճ Պուշ կը զիջի իր նախորդին՝ Պիլ Քլինթընին, որ նախագահական ժամկէտի աւարտէն առաջ կարօտախտի զգացում [...]

December 31st, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Առաջնորդ Սրբազանին Պատգամը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի 50Ամեակի Եւ Արեւմտեան Թեմի 35Ամեակի Հանդիսութեան Պահուն

Առաջնորդ Սրբազանին Պատգամը՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի 50Ամեակի Եւ Արեւմտեան Թեմի 35Ամեակի Հանդիսութեան Պահուն

Այս երեկոյ ձեր խուռներամ ներկայութիւնը Ազգային Առաջնորդարանիս ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան ամենէն գործնական արտայայտութիւնն է, որուն դիմաց, մենք բոլորս պէտք է համեստանանք եւ համեստութեամբ ու անձնուիրութեամբ մեր ծառայական առաքելութիւնը շարունակենք ի պայծառութիւն մեր եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր ազգին։
Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ բոլորիս այս օրհնեալ եւ հրաշալի երեկոն [...]

December 31st, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

2009ը Խոստմնալից Տարի՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Համար

2009ը Խոստմնալից Տարի՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններուն Համար

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան, Դեկտեմբեր 31ին ամփոփելով անցնող տարուան դիւանագիտական գործունէութիւնը՝ նշեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները յոյս ունին, որ 2009ին յաջողութեամբ կրնան պսակուիլ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած աշխատանքները, որովհետեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապտուլլահ Կիւլի ֆութպոլային հանդիպումը, այնուհետեւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումները անցած են դրական մթնոլորտի մէջ, եւ հայկական կողմը [...]

December 31st, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԴԱՏ ՄԸ Թուրքիոյ Պաթման Քաղաքը՝ Ընդդէմ «Պաթման» Շարժանկարին

ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ԴԱՏ ՄԸ Թուրքիոյ Պաթման Քաղաքը՝ Ընդդէմ «Պաթման» Շարժանկարին

Ամբողջ տարի շարունակ լուրջ հարցեր մեկնաբանելէ ետք, այս տօնական օրերուն մեր ընթերցողներուն կ’ուզեմ այս շաբաթ քիչ մը զուարճալի նիւթ մը ներկայացնել։
«Վերայիթի» պարբերաթերթը եւ աշխարհի տարածքին հարիւրաւոր տեղեկատու աղբիւրներ անցեալ ամիս հաղորդեցին, որ հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ Պաթման փոքր քաղաքին քաղաքապետը կը ծրագրէ «Տը տարք նայթ»ի բեմադրիչ Քրիսթըֆըր Նոլընի եւ «Ուորնըր պրատըրզ»ի դէմ մեծ շահ ապահոված [...]

December 31st, 2008

| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »

Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Գիրքի Շնորհահանդէս

Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Գիրքի Շնորհահանդէս

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, Պէյրութի «Կալըրի Տ՚Ար Պեխազի» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի գիրքին շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ լիբանանահայ թէ արաբ գեղանկարիչներու եւ արուեստագէտներու:
Թորոսեանի գիրքը հինգ բաժիններու ընդմէջէն կ’անդրադառնայ արուեստագէտին 58ամեայ գործունէութեան: Վերջին բաժինը կը կոչուի «Պէյրութ-Փարիզ հանգրուան», որ կը սկսի 1983էն եւ տակաւին կը շարունակուի:
Յարութիւն Թորոսեան ցուցասրահին մէջ նաեւ ցուցադրած էր իր [...]

December 31st, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՄ» Զգայուն Յօդուած՝ «Թարաֆ»ի Մէջ

«ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԽՆԴՐԵՄ» Զգայուն Յօդուած՝ «Թարաֆ»ի Մէջ

«Թարաֆ» թերթի 24 Դեկտեմբերի թիւին մէջ, Ֆիքրէթ Տողան ստորագրած էր ծայր աստիճան յուզիչ ու մարդասիրական յօդուած մը։ Մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք յօդուածին թարգմանութիւնը:
«Ներողութիւն կը խնդրեմ։ Ինչո՞ւ կը խնդրեմ։ Որովհետեւ ներսէս այդպէս կու գայ։ Ներողութիւն կը խնդրեմ, որովհետեւ ճիշդ կը գտնեմ հայերէ ներողութիւն խնդրելու պատճէնին իւրաքանչիւր նախադասութիւնը, իւրաքանչիւր բառը կամ միջակէտը։ Ներողութիւն կը խնդրեմ, [...]

December 31st, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

«Սիւիլիթաս» Վերլուծական Կեդրոնի Զեկոյց՝ «Հայաստան-2008ին» Խորագրով

«Սիւիլիթաս» Վերլուծական Կեդրոնի Զեկոյց՝ «Հայաստան-2008ին» Խորագրով

ԵՐԵՒԱՆ. «ԱրմենիաՆաու».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի հիմնած «Սիւիլիթաս» վերլուծական կեդրոնը պատրաստած է զեկոյց մը, ուր տեղ գտած է 2008ի ընթացքին Հայաստանի առնչուած իրադարձութիւններու մանրամասն վերլուծումը:
«ԱրմենիաՆաու»ի խմբագիր Ճոն Հիուզ կը հաղորդէ, թէ ինչպէս վերջերս հրապարակուած զեկոյցներու մէջ, ներառեալ՝ «Քաղաքական ֆորում-Հայաստան» կազմակերպութեան զեկոյցը, (տես http://armenianow.com/?action=viewArticle&AID=3449&lng=arm), նոյնպէս Դեկտեմբեր 26ին հրապարակուած «Հայաստան-2008ին» զեկոյցին մէջ Հայաստան [...]

December 31st, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Թրաքիա» Համալսարանին Մէջ Հայերէնի Դասընթացք Կը Սկսի

«Թրաքիա» Համալսարանին Մէջ Հայերէնի Դասընթացք Կը Սկսի

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Թրաքիա» համալսարանի վերատեսուչ Էնվէր Տուրան պատկերասփիւռի յայտագիրի մը ընթացքին յայտնած է, թէ այս տարուան ընթացքին համալսարանի օտար լեզուներու բաժինին մէջ պիտի բացուի հայերէն լեզուի ամպիոն մը։ Հայերէնի կողքին պիտի բացուին նաեւ ռոմաներէն ու ռուսերէն լեզուներու յատուկ ամպիոններ։ Այս կերպով օտար լեզուներու բաժինը ընդարձակուած պիտի ըլլայ։

December 31st, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

«Ասպարէզ»ի Խմբագրութեան «Ասպարէզ»ի Թերթատումի Առիթով՝ Վերյիշումներ Անցեալէն

«Ասպարէզ»ի Խմբագրութեան «Ասպարէզ»ի Թերթատումի Առիթով՝ Վերյիշումներ Անցեալէն

«Բարձր, բարձր, բարձրագոյնին ձգտելու էք», կը յանգերգէ ընդհանրապէս դասատուն՝ աշակերտներուն, զանոնք աշխուժացնելու համար ուսման ընթացքին նկատմամբ:
Այս առաւօտ, զայս յիշեցի երբ բացի «Ասպարէզ» Դեկտեմբեր 20, 2008ի թիւը. արեւօր այս առաւօտուն: Ապա, դրացիս գործի մեկնելու միջոցին, յանձնեց ինծի նաեւ «Նոր կեանք»ի Դեկտեմբեր 20ի թիւը ու մեկնեցաւ…
Թերթատումներէ ետք, գոչեցի.- Ի՞նչ աւելի լաւ է քան ապրուած օրերու [...]

December 31st, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Դրամը Համեմատաբար Կ’արժեզրկուի Նոր Տարուան Գնումներուն Ընթացքին

Դրամը Համեմատաբար Կ’արժեզրկուի Նոր Տարուան Գնումներուն Ընթացքին

ԵՐԵՒԱՆ. «ԱրմենիաՆաու».- Մեծ վերընթացէ մը ետք, հայկական դրամը սկսած է համեմատաբար արժեզրկուելու՝ խախտելով երկար տարիներու չափանիշը, ըստ որուն ձմեռնային տօներու նախաշեմին դրամի արժէքի բարձրացում կը նկատուէր:
Այս շաբաթ Երեւանի լումայափոխման կէտերուն մէջ մէկ տոլարը վաճառուած է 308-310 դրամով: Մինչ այդ, հայկական արտարժոյթը տոլարի նկատմամբ 8-10 դրամով բարձր էր ամբողջ տարուան ընթացքին:
2002-2003ի միջեւ մէկ տոլարը [...]

December 31st, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Խաժակ Տիքիճեանի Խօսքը, Արտասանուած՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի 50ամեակի Եւ Արեւմտեան Թեմի 35ամեակի Հանդիսութեան Պահուն

Խաժակ Տիքիճեանի Խօսքը, Արտասանուած՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմի 50ամեակի Եւ Արեւմտեան Թեմի 35ամեակի Հանդիսութեան Պահուն

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր դրական ու շինիչ առաքելութիւնը ամէն մակարդակի վրայ»։
Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոս այս յանձնառութեամբ եզրափակեց Մեծի Տանն Կիկլիկոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը։ Արդարեւ, այս ուխտով է որ կ՚ապրին ու կը գոյատեւեն Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռը եւ իր միաբանութիւնը։ Համակ հաւատարմութիւն՝ Հայաստանեայց Առաքելական ազգային եկեղեցւոյ, համակ ծառայութիւն՝ ազգային գերագոյն [...]

December 30th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

ՀՕՄի Սրտով

ՀՕՄի Սրտով

«Ա1 » լրատու գործակալութիւնը Դեկտեմբեր 29ին լուր մը հաղորդեց՝ պատմելով հետեւեալ սրտայոյզ դրուագը:
Դեկտեմբեր 17ին այս գործակալութեան կայքէջէն ներկայացուած է վանաձորցի Ասոյեան ընտանիքին թշուառ վիճակը:
«Երեք անչափահաս երեխաներ ունեցող ամուսինները, կորցրած լաւատեսութիւնն ու ապագայի հանդէպ հաւատը՝ գոյատեւում էին անմխիթար պայմաններում՝ հարեւաններին պատկանող կիւասեր շինութեան մէջ:
Ասոյանների համար ոչ միայն բնակարան, այլեւ անգամ փոքրիկ տնակ ունենալը [...]

December 30th, 2008

| Posted in Օրը Օրին | Read More »

Հայաստան-Թուրքիա Հանդիպումը Հաւաքած Է Պատկերասփիւռի 36.48 Տոկոս Դիտորդներ

Հայաստան-Թուրքիա Հանդիպումը Հաւաքած Է Պատկերասփիւռի 36.48 Տոկոս Դիտորդներ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան Սեպտեմբեր 6ին Երեւան կայացած ֆութպոլի 2010 թուականի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման հանգրուանի Հայաստան-Թուրքիա հանդիպումը հաւաքած է հանրապետութեան այս տարուան պատկերասփիւռի հանդիսատեսներու ամենամեծ տոկոսը: Համաձայն AGB Nielsen Media Research ընկերութեան, այդ մրցումը հաւաքած է Հայաստանի պատկերասփիւռի բոլոր հետեւողներուն 36.48 տոկոսը:

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայեր Կը Միանան Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Կուսակցութեան

Հայեր Կը Միանան Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Կուսակցութեան

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթավերջի թրքական մամուլը կը տեղեկացնէր, թէ մօտաւորապէս 5000 նոր անձեր անդամագրուեցան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ու ստացան իրենց կրծքանշանները։ Մամուլը յատկապէս կ’ընդգծէ, թէ այս նոր անդամներուն միջեւ կան հայեր ու հրեաներ։ Հայերու շարքին կը տրուին անունները Րաֆֆի, Հերմոն, Արաքսի ու Հրանդ Թոփաքեանի։ Մամուլը քիչ մը զարմանքով կը յիշեցնէ, թէ նոյն կուսակցութեան անդամ երեսփոխան [...]

December 30th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Բարեգործական Ծրագիրները Տաւուշի Մէջ

Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Բարեգործական Ծրագիրները Տաւուշի Մէջ

ԻՉԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ՀԱԸ) Իջեւանի գրասենեակի պատասխանատու Ալպերթ Փայտեան յայտնեց, թէ ընկերակցութեան հովանաւորութեան 2008ի ծրագիրին մէջ Տաւուշի մարզէն ընդգրկուած է 255 երեխայ, որոնց տրուած է դրամական օգնութիւններ անհատ հովանաւորներու կողմէ. իսկ ամրան եղանակներուն անոնց համար կը կազմակերպուին հանգստութեան ճամբարներ, որոնց այս տարի մասնակցութիւն բերած է 500 երեխայ:
Ընկերակցութիւնը նաեւ մարզին մէջ գործող 10 [...]

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Թրքական Կայանէն՝ Հայկական Հեռատեսիլ

Թրքական Կայանէն՝ Հայկական Հեռատեսիլ

ԱՆԳԱՐԱ, «Սապահ».- Թրքական «Թի.Ար.Թի.» կայանը կը պատրաստուի յառաջիկայ տարուան վերջաւորութեան հայկական նոր պատկերասփիւռի ամբողջական ծրագիր մը հաղորդելու: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական ազդանշան տուած է հայկական կայանին սկսման ուղղութեամբ: Հայերէնով ձայնասփիւռի յայտագիրի եւ հայկական պաշտօնական կայքէջի ձեռնարկումը, որ կը նախատեսուի յառաջիկայ տարուան Փետրուարին, լաւագոյն քննութիւնը պիտի ըլլայ հայերէնով հեռատեսիլի նոր կայանին իրականացման:
Յիշեցնենք, որ «Թի.Ար.Թի»ն [...]

December 30th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ըստ Մոնթիէլի՝ Դարչինեան-Արսէ Մրցամարտը Պիտի Աւարտի 6-7րդ Հանգրուաններուն

Ըստ Մոնթիէլի՝ Դարչինեան-Արսէ Մրցամարտը Պիտի Աւարտի 6-7րդ Հանգրուաններուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ESTO» պարբերականի վերջին թիւը կը հաղորդէ WBO վարկածով երկրորդ միջին ծանրութեան կարգի աշխարհի ախոյեան Ֆերնանտօ Մոնթիէլի կարծիքը, թէ 2009ի Փետրուար 7ին, Քալիֆորնիոյ նահանգի Անահայմ քաղաքը կայանալիք Վախթանգ Դարչինեան-Խորխէ Արսէ մրցամարտը պիտի չտեւէ մինչեւ 12րդ հանգրուան, այլ պիտի աւարտի 6-7րդ հանգրուաններուն:
«Ես կարծում եմ, որ ամէն ինչ կ’աւարտի 6ից 7րդ ռաունտներում: Դա ծանր կը [...]

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Քրտամէտ Խումբի Ղեկավարը Ներողութիւն Կը Խնդրէ Հայերէն

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Քրտամէտ Խումբի Ղեկավարը Ներողութիւն Կը Խնդրէ Հայերէն

ԱՆԳԱՐԱ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ խմբակցութեան՝ «Տի.Թի.Փի.»ի ղեկավար Ահմէտ Թուրք ներողութիւն խնդրեց հայերէն 1915ի իրադարձութեանց համար: Ա. Թուրք նաեւ ներողութիւն խնդրեց ասորիներէն:
«Թերեւս քիւրտերը իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս (մշակութային) հարստութեան կորուստին: Մենք ամօթով կը նայինք մեր հայ եւ ասորի եղբայրներուն»:
«Տոկան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ ըստ Ահմէտ Թուրքի, իրենք միշտ պատրաստ են իրենց [...]

December 30th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Թուրքիա Վրաստանի Առեւտրական Մեծագոյն Գործընկերն Է

Թուրքիա Վրաստանի Առեւտրական Մեծագոյն Գործընկերն Է

ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 26ին, Վրաստանի վիճակագրական բաժանմունքը հաղորդած է, թէ Թուրքիա կը մնայ Վրաստանի առեւտրական մեծագոյն գործընկերը:
Ըստ 2008ի Յունուար-Նոյեմբերի տուեալներուն, Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ հետ առեւտրական շրջանառութիւնը կազմած է 1122.4 միլիոն տոլար, որ 43.7 տոկոսով կը գերազանցէ անցած տարուան ցուցանիշը:

December 30th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրք Մեսխեթցիները Հետաքրքրուած Են Չաւախքով

Թուրք Մեսխեթցիները Հետաքրքրուած Են Չաւախքով

ԵՐԵՒԱՆ. «Ռատիօլուր».- Արտասահման ապրող քանի մը տասնեակ թուրք-մեսխեթցիներ հետաքրքրութիւն յայտնած են Սամցխէ-Չաւախքի տարածաշրջանին մասին:
Վրաստանէն թուրք-մեսխեթցիները արտաքսուած են 20րդ դարու 40ական թուականներուն՝ Ստալինի հրամանով: Մինչ այդ, անոնք գլխաւորաբար կ’ապրէին երկրի հայաշատ բնակավայրը՝ Սամցխէ-Չաւախք:
Վրաստանի հայազգի քաղաքական գործիչ Եուրի Մկրտումեանց կ’ըսէ, թէ ինք Մոսկուայի մէջ մասնակցած է մեսխեթցիներու մասին կազմակերպուած բազմաթիւ գիտաժողովներու, որոնց ընթացքին, մեսխեթցիներու ղեկավարներուն [...]

December 30th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Պոլսոյ Պատրիարքարանի Մամլոյ Խօսնակը Կը Նախընտրէ Պատմութիւնը Ձգել Պատմութեան

Պոլսոյ Պատրիարքարանի Մամլոյ Խօսնակը Կը Նախընտրէ Պատմութիւնը Ձգել Պատմութեան

ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ»ի մէջ Սէֆա Քափլան կ’արձագանգէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի մամլոյ խօսնակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, որ կը վերաբերի հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւին։ Լուսաբանութեան մէջ դիտել կը տրուի, որ համաշխարհային Ա. պատերազմը «մեծ ցաւեր պատճառած է մարդկութեան, օճախներ մարած է, արցունքներ հոսեցուցած է»։ Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ’ըսուի. «Այս ցաւերը անցեալի մէջ մնացին, պատերազմի մոխիրներէն Թուրքիոյ հանրապետութիւն մը [...]

December 30th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

«Միասնական Չաւախք»ի Անդամ Գուրգէն Շիրինեան 17 Տարուան Բանտարկութեան Կը Դատապարտուի

«Միասնական Չաւախք»ի Անդամ Գուրգէն Շիրինեան 17 Տարուան Բանտարկութեան Կը Դատապարտուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Օրին տեղեկագրած էինք, թէ «Միասնական Չաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի անդամ, սկաուտական շարժման առաջնորդ Գուրգէն Շիրինեանի, անոր հօրը եւ հօրաքրոջ՝ Յարութիւն ու Կարինէ Շիրինեաններու գործով դատական նիստը յետաձգուած էր մինչեւ Դեկտեմբեր 24: Այդ օրը դատավարութիւնը անցած է եզրափակիչ փուլ, որուն ընթացքին ներկայացուած են եզրափակիչ միջնորդութիւններ, ինչպէս նաեւ ընթերցուած են մեղադրական ու պաշտպանական ճառեր:
Ապացոյցներու զննման [...]

December 30th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Բազմաթիւ Ոչ Պետական Համալսարաններ Պիտի Զրկուին Արտօնութենէ

Բազմաթիւ Ոչ Պետական Համալսարաններ Պիտի Զրկուին Արտօնութենէ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ոչ պետական բուհերում (համալսարաններ-Խմբ.) վիճակն անմխիթար է: 69ը բուհից 30ում կատարուած մեր ուսումնասիրութիւններն են յանգեցրել մեզ այս եզրակացութեան», յայտնած է Հայաստանի նախագահի վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար Յովհաննէս Յովսէփեան:
Ծառայութիւնը իր քննութիւններուն ընթացքին յայտնաբերած է, որ 10րդ դասարան աւարտած աշակերտներ կրնան միեւնոյն ժամանակ 2-3 մասնագիտութեանց արձանագրուիլ. կան շուրջ 500 ուսանողներ, որոնք կամ Հայաստան չեն, կամ կ’աշխատին, [...]

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Շնորհաւոր Ամանոր, Ղարաբաղ. Տօնածառը՝ Թայլանտից, Խորոված Եւ Խաղաղութեան Կենացը

Շնորհաւոր Ամանոր, Ղարաբաղ. Տօնածառը՝ Թայլանտից, Խորոված Եւ Խաղաղութեան Կենացը

ՆԱԻՐԱ ՀԱՅՐՈՒՄԵԱՆ «Արմենիանաու»ի Ղարաբաղի թղթակից
Ստեփանակերտի տօնածառը երկար ճանապարհ է անցել. այն բերուել է Թայլանտից: Սովորոյթի համաձայն Դեկտեմբերի 31ին ամբողջ Ստեփանակերտը ծխով կը լցուի. ամէն իրեն յարգող ղարաբաղցի Ամանորի գիշերը պէտք է դիմաւորի իր ձեռքով պատրաստած խորովածով: Այդ գիշեր Ղարաբաղը վերածւում է անուշաբոյր «մանղալի»:
Ի հարկէ, այս տարի խորոված քչերը կարող են անել: Բանն այն [...]

December 30th, 2008

| Posted in Արցախ | Read More »

ՇՈՂԵՐ

ՇՈՂԵՐ

Սիրելի փոքրիկներ եւ պատանիներ,
Մայրենի լեզուն իր զաւակներով է, որ կ’ապրի ու կը գոյատեւէ: Եթէ մենք չպահենք եւ չգործածենք մեր լեզուն, ոչ ոք պիտի պահէ զայն: Դուք՝ սիրելիներ, մեր լեզուին շողերն էք, որ պիտի պահէք զայն:
Ձեզմով կր փառաւորուի մեր անցեալի պատմութիւնը, կը զարգանայ ներկան ու կը բարգաւաճի մեր ժողովուրդի ապագան:
Անոր համար ալ պիտի [...]

December 30th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Փութին Կը Պաշտպանէ Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսէթիոյ Անկախութեան Ճանաչման Որոշումը

Փութին Կը Պաշտպանէ Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսէթիոյ Անկախութեան Ճանաչման Որոշումը

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ կողմէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ անկախութեան ճանաչումը համապատասխան է տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան շահերուն, շեշտած է Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին իր Նոր տարուան շնորհաւորական ուղերձին մէջ, որ ուղղուած էր Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած այդ շրջաններու ղեկավարութեանց: Անտեսելով Ռուսիոյ այդ քայլը դատապարտող Արեւմուտքին բողոքները՝ Փութին աւելցուցած է, թէ 2008ի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն էին այդ հանրապետութեանց [...]

December 30th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

ՄԻՆՉ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ՝ Իսրայէլ Չորրորդ Օրն Ըլլալով Կը Ռմբակոծէ Կազան

ՄԻՆՉ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ՝ Իսրայէլ Չորրորդ Օրն Ըլլալով Կը Ռմբակոծէ Կազան

ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Լոս Անճելըսէն մինչեւ Ատէն, Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա, բողոքի ցոյցերը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30ին շարունակուեցան՝ դատապարտելով Կազայի դէմ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները, որոնք աւելի քան 370 զոհ խլած են:
ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն, զոհերուն առնուազն 64ը քաղաքայիններ են՝ ներառեալ երեխաներ ու կիներ:
Բողոքի ցոյցերուն թիրախներէն մէկն է նաեւ Եգիպտոսի կառավարութիւնը, որ կր մերժէ Կազան Եգիպտոսի միացնող անցքը [...]

December 30th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ղարաբաղի Ելեկտրականութեան Սակագինը Պիտի Չբարձրանայ

Ղարաբաղի Ելեկտրականութեան Սակագինը Պիտի Չբարձրանայ

Նախապէս լուրեր հրապարակուած էին, թէ Յունուար 1էն սկսեալ, Ղարաբաղի մէջ պիտի բարձրանայ ելեկտրականութեան սակագինը. Ղարաբաղի բնակիչները մէկ քիլօուաթ ելեկտրականութեան համար պիտի վճարեն 25 դրամ՝ նախկին 20 դրամին փոխարէն: Սակայն 30 Դեկտեմբերին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ նախագահի յանձնարարականով բնակիչները գալիք տարուան առաջին եռամսեակին, նախկինին նման պիտի վճարեն 20 դրամ, որովհետեւ առաջին [...]

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Մէթիու Պրայզան Կողմ Է ԼՂՀի Ներգրաւման՝ Բանակցութիւններուն

Մէթիու Պրայզան Կողմ Է ԼՂՀի Ներգրաւման՝ Բանակցութիւններուն

«Հետք» համացանցային լրատու գործակալութեան հարցումներուն կը պատասխանէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզան:
«ՀԵՏՔ».- Ինչպէ՞ս էք գնահատում Նոյեմբերի 2ին Մոսկուայում ստորագրուած հռչակագիրը: Որքանո՞վ է այն նպաստում Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորմանը:
ՄԷԹԻՈՒ ՊՐԱՅԶԱ.- Մոսկուայի Հռչակագիրը կարեւոր ներդրում է Մինսկի խմբի ջանքերին եւ հակամարտող կողմերին կ’օգնի հասնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդարացի եւ հաւասարակշռուած կարգաւորմանը:
Մասնաւորապէս, Մոսկուայի հռչակագիրն [...]

December 30th, 2008

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Ծաղկաձորի Մէջ Պիտի Սկսի Լեռնադահուկորդներու 2009ի Մրցաշրջանը

Ծաղկաձորի Մէջ Պիտի Սկսի Լեռնադահուկորդներու 2009ի Մրցաշրջանը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի լեռնադահուկորդները Յունուար 16-20ի միջեւ, Ծաղկաձորի մէջ պիտի մասնակցին 2009ի մրցաշրջանին՝ «Ֆիս» միջազգային դաշնակցութեան հովանաւորութեամբ:
Կը նախատեսուի, որ Հայաստանի քանի մը մարզիկներ մասնակցին նաեւ Փետրուար 3-15 Ֆրանսայի Վալ տը Իզեր քաղաքի լեռնադահուկային մարմնամարզի աշխարհի առաջնութեան, ապա, դարձեալ Փետրուարին՝ Լեհաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպական ողիմպիական օրերուն:
Դեկտեմբեր 30ին աւարտած Հայաստանի 2008ի խմբային դահուկային առաջնութեան մրցաշարքերուն, [...]

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Կարմի՞ր, Թէ Կանաչ Սխալ

Կարմի՞ր, Թէ Կանաչ Սխալ

ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հարիւրաւոր դպրոցներու ուսուցիչներուն արգիլուեցաւ կարմիր թանաքի գործածումը գրաւոր աշխատանքներու ստուգման ընթացքին, որովհետեւ այդ գոյնը երեխաներու կողմէ կ’ընկալուի իբրեւ «առճակատման առաջնորդող եւ սպառնալի» գոյն։
Բրիտանիոյ մէջ գոյութիւն չունի թանաքի գոյնին վերաբերող միասնական հրահանգ մը, բայց ամէն դպրոց իրաւունք ունի ինքնուրոյն որոշում ընդունելու այդ հարցին մասին։ Ըստ կարգ մը մանկավարժներու, կարմիր թանաքը [...]

December 30th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

ԼՂՀ Բանակը Կը Շարունակէ Ձեռք Բերել Անհրաժեշտ Սպառազինում Եւ Մարտունակութիւն

ԼՂՀ Բանակը Կը Շարունակէ Ձեռք Բերել Անհրաժեշտ Սպառազինում Եւ Մարտունակութիւն

30 Դեկտեմբերին իր կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան անդրադարձաւ այն լուրերուն, ըստ որոնց Ղարաբաղի բանակէն ներս նկատուած է դժբախտ պատահարներու աճ: Անոր բացատրութեամբ, աճը տեղի ունեցած է գլխաւորաբար սպայական, ենթասպայական եւ զինուորական ծառայողներու մահուան դէպքերուն պատճառով: «Իսկ միւս պատճառներից մէկը ձախ թեւում կատարուած ռազմական գործողութիւնների արդիւնքն է, որտեղ դիրքերը առաջ ենք [...]

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Լոյս Տեսաւ Հայկական Հարցի 1913-1923 Իտալական Վաւերագրերու Ա. Հատորը

Լոյս Տեսաւ Հայկական Հարցի 1913-1923 Իտալական Վաւերագրերու Ա. Հատորը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան հաղորդեց, թէ թանգարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն. դիւանագիտական վաւերագրեր» շարքէն «Իտալիայի արտաքին գործերի նախարարութեան պատմական-դիւանագիտական արխիւի վաւերագրերը՝ հայկական հարցի մասին. 1913 -1923 թուականներին» երկհատորեակին Ա. հատորը, ուր տեղ գտած է 1913-1917 թուականներու իրադարձութիւններուն առնչուող 225 դիւանագիտական փաստաթուղթ:
Անոնց կարեւորութիւնը կը կայանայ այն ճշմարտութեան մէջ, որ [...]

December 30th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Նկատուած Է Հայաստանի Մէջ Անշարժ Գոյքի Վաճառքի Նուազում

Նկատուած Է Հայաստանի Մէջ Անշարժ Գոյքի Վաճառքի Նուազում

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի նախագահ Մանուկ Վարդանեան յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ վաճառքի գործարքներու նուազումին ցուցանիշը Երեւանի մէջ աւելի բարձր է, քան մարզերուն մէջ:
2007ին անշարժ գոյքի ընդհանուր գործարքներու 45 տոկոսը իրականացած է Երեւանի մէջ, իսկ 2008ին անիկա կազմած է միայն 35 տոկոս:
Մ. Վարդանեան միաժամանակ նկատեց, որ [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

“Նկատուած Է Հայաստանի Մէջ Անշարժ Գոյքի Վաճառքի Նուազում

“Նկատուած Է Հայաստանի Մէջ Անշարժ Գոյքի Վաճառքի Նուազում

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի նախագահ Մանուկ Վարդանեան յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ վաճառքի գործարքներու նուազումին ցուցանիշը Երեւանի մէջ աւելի բարձր է, քան մարզերուն մէջ:
2007ին անշարժ գոյքի ընդհանուր գործարքներու 45 տոկոսը իրականացած է Երեւանի մէջ, իսկ 2008ին անիկա կազմած է միայն 35 տոկոս:
Մ. Վարդանեան միաժամանակ նկատեց, որ [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Սուրբ Ծննդեան Առաջնորդական Պատգամը «Եւ Խաղաղութիւնն Քրիստոսի Հաստատեսցի ի սիրտս ձեր»: (Կող. 3:15)

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Սուրբ Ծննդեան Առաջնորդական Պատգամը «Եւ Խաղաղութիւնն Քրիստոսի Հաստատեսցի ի սիրտս ձեր»: (Կող. 3:15)

Մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը մեր կեանքին մէջ թափանցող խաղաղութիւնն է: Խաղաղութիւնը Աստուծոյ սիրոյն հաստատութիւնն է մեր էութեան մէջ: Խաղաղութիւն, որուն մէջ կը գտնենք աստուածային իմաստութիւն: Մէկ խօսքով, այն խաղաղութիւնը, որ պարտ ենք դարձնելու մեր կեանքի ճանապարհը:
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու սեմին Առաքեալին մաղթանքը մեզի տրուած ամենամեծ նուէրն է, քանզի [...]

December 29th, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Յարգանքի Տուրք՝ Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն

Յարգանքի Տուրք՝ Արցախեան Պատերազմի Նահատակներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Դեկտեմբեր 29ին այցելեցին Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Եռաբլուր պանթէոնը եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հիմնադիրներէն Աշոտ Նաւասարդեանի, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօր. Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն, ինչպէս նաեւ՝ արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին առջեւ:
Այս առիթով լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առաջնորդական Պատգամը Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՇՈՂՆ Է ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առաջնորդական Պատգամը Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՇՈՂՆ Է ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ

2009ի տարեմուտին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը ահաւասիկ դարձեալ ցնծութեամբ ու հաճութեան զգացումներով կը համակէ մեր հոգիները։ Իբրեւ հաւատացեալ զաւակները Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ, մանկացեալ Փրկչին «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ»ին կենսատու պատգամով զիրար կը շնորհաւորենք ու բարեմաղթութիւններ կը փոխանակենք, որպէսզի աւելի քան երկու հազար տարի առաջ, հրեշտակներուն «Փառք ի բարձունս [...]

December 29th, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

ՄԻՆՉ ՍՏՈՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 25,000Ի ՍԱՀՄԱՆԸ Կ’ԱՆՑՆԻ՝ Ներողութիւն Խնդրելու Հարցը Կը Շարունակէ Զբաղեցնել Թուրքիան

ՄԻՆՉ ՍՏՈՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 25,000Ի ՍԱՀՄԱՆԸ Կ’ԱՆՑՆԻ՝ Ներողութիւն Խնդրելու Հարցը Կը Շարունակէ Զբաղեցնել Թուրքիան

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29ի տուեալներով, 25,669 հոգի միացած են թուրք մտաւորականներու կողմէ հայ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու համար սկսած համացանցային արշաւին, մինչ հարցը կը շարունակէ զբաղեցնել թրքական մամուլն ու լրատուական միջոցները:
Արդարեւ, թուրք մտաւորական Սէտատ Լաչինէրի երկու յաջորդական օրերու ընթացքին սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ինք կողմնակից չէ հայերէ ներողութիւն խնդրելու արշաւին, որովհետեւ [...]

December 29th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Մարտ 1-2ի Դատական Արդիւնքները Քննուեցան Գլխաւոր Դատախազի Եւ Եովանովիչի Միջեւ

Մարտ 1-2ի Դատական Արդիւնքները Քննուեցան Գլխաւոր Դատախազի Եւ Եովանովիչի Միջեւ

Հայաստանի գլխաւոր դատախազի մամլոյ քարտուղարը Դեկտեմբեր 29ին հաղորդեց, թէ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան ընդունած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչը, որուն հետ քննարկած է 2008ի Մարտ 1-2ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային անկարգութիւններու առնչութեամբ քննուող քրէական գործի նախաքննութեան արդիւնքները եւ դատաքննութիւնը:
Գլխաւոր դատախազը դեսպանին յայտնած է, թէ 111 անձերու վերաբերեալ նիւթեր [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Մատենադարանի Փոխ Տնօրէնի Դատավարութիւնը Կը Սկսի

Մատենադարանի Փոխ Տնօրէնի Դատավարութիւնը Կը Սկսի

ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին սկսած է Մատենադարանի փոխտնօրէն, «Մատենադարանի բարեկամներ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արշակ Բանուչեանի եւ անոր երկու աշխատակիցներուն՝ Նունէ Շահումեանի եւ Ռուզաննա Պօղոսեանի քրէական գործով դատական նիստը:
Բանուչեան եւ իր աշխատակիցները ամբաստանուած են «Մատենադարանի բարեկամներ» հիմնադրամի միջոցները վատնած ըլլալու յանցանքով:
Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահի տեղակալ, Մատենադարանի խորհուրդի նախագահ Սեն Արեւշատեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարած [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Մատենադարան Այցելողներուն Թիւը Կ’աւելնայ

Մատենադարան Այցելողներուն Թիւը Կ’աւելնայ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Այս տարի Մատենադարանի այցելուների թիւը նախորդ տարուան համեմատ աւելացել է 3000ով», Panorama.am-ի թղթակիցին յայտնած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչիկ Թամրազեան:
«Ես շատ ուրախ եմ, որ մեծացել է հետաքրքրութիւնը դէպի մեր մշակոյթը, մեր արուեստը: Օտարերկրացիները մեծ սիրով ու հետաքրքրութեամբ են այցելում Մատենադարան: Լսելով մեր բազմադարեան մշակոյթի մասին՝ նրանք ցանկանում են տեսնել Մատենադարանի գոհարները», յայտնած է Թամրազեան:
[...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Տնտեսական Ճգնաժամը «Խեղճացուցած» Է Կապանցիները

Տնտեսական Ճգնաժամը «Խեղճացուցած» Է Կապանցիները

ԿԱՊԱՆ.- Սիւնիքի մեծագոյն քաղաքի՝ Կապանի, հեռատեսիլի «Սօս» կայանը կը հաղորդէ հետեւեալը.
«Ամանորը սարերի ետեւում չէ, իսկ կապանցիները չեն շտապում կատարել տօնական գնումները։
Սովորաբար Դեկտեմբերի 25ից արդէն խանութներում ասեղ գցելու տեղ չէր լինում, հերթեր էին գոյանում։ Այս տարի պատկերը այլ է։ Խանութներում ապրանքների տեսականին բազմազան է, սակայն գնորդներ չկան։ Համաշխարհային ֆինանսական ճգնաժամը կապանցիներին էլ է խեղճացրել։
[...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Վարչապետը Կը Հրապարակէ Կառավարութեան Ծրագիրները

Վարչապետը Կը Հրապարակէ Կառավարութեան Ծրագիրները

«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած բացառիկ հարցազրոյցին, Տիգրան Սարգսեան նշած է, թէ ան կը գտնէ, որ 2009 թուականին կառավարութեան նախատեսած միջոցառումները պիտի օգնեն Հայաստանին՝ նուազեցնելու միջազգային ֆինանսական ճգնաժամի բացասական հետեւանքները: Ան հաստատած է, թէ կառավարութեան ձեռնարկած մեծ ներդրումային ծրագիրները հնարաւորութիւն պիտի ընձեռնեն նոր աշխատատեղիներ ստեղծելու ենթակառուցուածքներու ծիրէն ներս: Ան յստակացուց, որ կառավարութիւնը որոշած է աւելի մեծ գումարներ [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Կը Քննարկէ Մարաթոնի Արդիւնքները

ԼՂՀ Նախագահը Կը Քննարկէ Մարաթոնի Արդիւնքները

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուական վարչութիւնը յայտնած է, թէ Դեկտեմբեր 27ին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է ԼՂՀ Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը, ուր քննարկուած են Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած հեռուստամարաթոնի ընթացքն ու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ՝ 2008ի առանցքային իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը ատրպեճանեան-ղարաբաղեան հակամարտութեան վրայ, եւ ԼՂՀի մէջ վերաբնակեցման ծրագիրի ընթացքը:

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Խորհրդարանական Խումբերու Յայտարարութիւնը՝ Բանակցութեանց Մասին

ԼՂՀ Խորհրդարանական Խումբերու Յայտարարութիւնը՝ Բանակցութեանց Մասին

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորական բոլոր խմբակցութիւնները, Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին հրապարակած են յայտարարութիւն մը ԼՂ հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն յայտարարութեան բնագիրը.
«Արձանագրելով, որ ԼՂՀ Ազգային ժողովը 2006թ. Ապրիլի 21ին եւ 2008թ. Սեպտեմբերի 10ին ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի շուրջ կազմակերպել է խորհրդարանական լսումներ եւ ընդունել նախնական [...]

December 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակը Զիջումներու Միտում Չունի

ԼՂՀ Պաշտպանութեան Բանակը Զիջումներու Միտում Չունի

Դեկտեմբեր 25ին ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան տարուան աշխատանքները ամփոփող իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրագրողներուն հաղորդեց, թէ ԼՂՀ Զինուած ուժերը լիովին կատարած են իրենց առջեւ դրուած կարեւորագոյն պարտականութիւնը՝ պետական սահմանի պահպանումը եւ ԼՂՀ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը:
Մատնանշելով Մարտ 3-4ին եւ Նոյեմբեր 16ին շփման գիծին խախտման դէպքերը՝ ան շեշտեց, որ այս տարուան ընթացքին հակառակորդը ոչ մէկ [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Սուրիա Կասեցուց Իսրայէլի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւնները

Սուրիա Կասեցուց Իսրայէլի Հետ Անուղղակի Բանակցութիւնները

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ Սուրիա որոշած է կասեցնել Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւնները, որոնք կը կատարուէին Թուրքիոյ միջնորդութեամբ, միաժամանակ դատապարտելով Կազայի դէմ Իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները, որոնք տասնեակներով քաղաքային զոհեր խլած են: Անգարա եւ Դամասկոս Կազայի դէմ յարձակումները «մարդկութեան դէմ ոճիր» որակեցին, միաժամանակ պահանջելով անոնց անմիջական կասեցումը։ «Նման պայմաններու [...]

December 29th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ռազմական Ծրագիրներ

Ռազմական Ծրագիրներ

Ահաւոր են պատկերները։ Օր ցերեկով, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ պատկերասփիւռի պաստառներուն առջեւ ժողովուրդ մը ամբողջ կ’ենթարկուի սպանդի։ Իսրայէլ սանձազերծած է աննախընթաց տարողութեամբ յարձակում Կազայի վրայ՝ Համասի ապահովական կեդրոնները կործանելու յայտարարութեամբ։
Իսրայէլեան գրոհը ոչ միայն կը կործանէ թիրախ ընտրուած կեդրոնները, այլ կը սպաննէ ոստիկաններ, կիներ, երեխաներ։ Վայրկեաններու յաճախականութեամբ կը բարձրանան զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւերը։
Մինչ ՄԱԿի Ապահովութեան [...]

December 29th, 2008

| Posted in Օրը Օրին | Read More »

Ռազմական Համագործակցութիւն՝ Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ

Ռազմական Համագործակցութիւն՝ Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ ժամանած էր Չինաստան Շաբաթ, Դեկտեմբեր 27ին, հանդիպում մը ունեցած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար Լիանկ Կուանկլիի հետ՝ Պէյճինկի մէջ: Ընթացքին կողմերը մտադրութիւն յայտնած են ընդլայնելու համագործակցութիւնը երկու երկիրներու զինուած ուժերուն միջեւ:
Չինական «Սինխուա» լրատուական գործակալութեան փոխանցումով, Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ այսպիսի բարձր մակարդակի այցելութիւններ կը նպաստեն եւ հիմք [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Կազայի Վրայ Յարձակումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Դատապարտէ Կազայի Վրայ Յարձակումը

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 28ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Կազայի դէմ շղթայազերծուած վայրագ գործողութիւնները:
«Դատապարտումի խօսքերը անկարող են արտայայտելու այն զգացումները, զորս կը զգայ իւրաքանչիւր մարդ՝ ի տես Կազայի մէջ գործուող անարգ ոճիրներուն։ Այս ոճիրները ցոյց կու տան, թէ կը շարունակուի այն գործելակերպը, որուն վրայ հիմնուած է [...]

December 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայրենակցական Միութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւնը

Հայրենակցական Միութիւններու Միացեալ Յայտարարութիւնը

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային կապի գրասենեակէն Երկուշաբթի, 29 Դեկտեմբերին ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշուի, որ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբի հրաւէրով Լոս Անճելըսի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21ին, Դաշնակցութեան կեդրոնատեղիի մէջ ունեցած են խորհրդակցական հանդիպում, քննարկելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու նորագոյն իրադարձութիւններու եւ Հայկական Ցեղասպանութեան [...]

December 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստանի Պետական Ակադեմական Երգչախումբը ԱՄՆի Մէջ

Հայաստանի Պետական Ակադեմական Երգչախումբը ԱՄՆի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիջեանի ծննդեան 80ամեակին առթիւ, երգչախումբը յաջորդ տարի համերգային մեծ ծրագիրով հանդէս պիտի գայ Միացեալ Նահանգներու մէջ, յայտնեց ղեկավարը Դեկտեմբեր 29ին հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին:
Երգչախումբը ներկայիս Հայաստանէն ներս պարբերաբար ելոյթներ կ’ունենայ. խմբավարի ծննդեան առթիւ, Դեկտեմբեր 23ին երգչախումբը Երեւանի մէջ ունեցած է ելոյթ մը, ուր [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Հայաստանի առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեան, նախագահական նստավայրի մէջ հիւրընկալած է մանկատան երեխաները

Հայաստանի առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեան, նախագահական նստավայրի մէջ հիւրընկալած է մանկատան երեխաները

Երկուշաբթի օր, Հայաստանի առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեան, նախագահական նստավայրի մէջ հիւրընկալած է մանկատան երեխաները եւ Նոր Տարուան առիթով անոնց համար հիւրասիրութիւն կազմակերպած է:

December 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Կազայի Իրադարձութիւններուն Գծով

Հայաստան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Կազայի Իրադարձութիւններուն Գծով

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Կազայի դէմ Իսրայէլի կողմէ ձեռնարկուած անմարդկային յարձակումներու առիթով:
Կազայի դէպքերուն կապակցութեամբ, նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր յայտնած է. «Խորը մտահոգութեամբ հետեւում ենք Կազայի հատուածում տեղի ունեցող իրադարձութիւններին, որոնց ընթացքում արդէն զոհուել եւ վիրաւորուել են հարիւրաւոր մարդիկ: Յոյս ենք յայտնում, որ բռնութիւնները կը դադարեցուեն եւ անյապաղ [...]

December 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայ Եւ Թուրք Պատմաբաններ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Քննարկումնե՞ր Սկսած Են

Հայ Եւ Թուրք Պատմաբաններ Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Քննարկումնե՞ր Սկսած Են

ԱՆԳԱՐԱ.- «Նոյեան Տապան» հայկական լրատուական գործակալութիւնը, թրքական լրատուական միջոցները իբրեւ աղբիւր նշելով՝ կը հաղորդէ հետեւեալը.
«Որոշ հայ պատմաբաններ 1915ի իրադարձութիւնները քննարկելու նպատակով հանդիպումներ են անցկացրել Անգարայում: Այս մասին, ինչպէս հաղորդում են թուրքական լրատուամիջոցները, յայտարարել է Թուրքական պատմական ընկերութեան ներկայացուցիչ, փրոֆ. Քեմալ Չիչէք:
«Մարտին կամ Ապրիլին մենք պատրաստւում ենք քննարկումներ անցկացնել Ատանայի իրադարձութիւնների առնչութեամբ, որոնց կը [...]

December 29th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ըստ Նախագահ Բակօ Սահակեանի. «ԼՂՀ Բանակը Հզօր Է Եւ Մարտունակ»

Ըստ Նախագահ Բակօ Սահակեանի. «ԼՂՀ Բանակը Հզօր Է Եւ Մարտունակ»

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբեր 27ին, Ստեփանակերտի Սպայի տան մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստը՝ նուիրուած 2008ի արդիւնքներու ամփոփման: Նիստի ընթացքին ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկաւ ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեան:
Ստորեւ՝ Նախագահ Բակօ Սահակեանի ելոյթը:
Մեր բանակի եւ ժողովրդի դժուարին ու հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ է, որ այսօր կարողանում ենք հանգիստ ու խաղաղ պայմաններում ամփոփել հերթական [...]

December 29th, 2008

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Ըստ Ա. Չաւադեանի՝ Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը Կայուն Է

Ըստ Ա. Չաւադեանի՝ Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը Կայուն Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կեդրոնական դրամատան կազմակերպած տարեվերջի հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին, Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Չաւադեան լրագրողներուն հետ զրուցելով՝ նշեց, թէ այս տարի «Հայաստանում պիզնէսը վարկաւորման խնդիրներ չի ունեցել եւ չի ունենայ եկող տարի, եւ թէ Հայաստանեան ֆինանսական համակարգը բաւականին իրացուելի է: Այդ առումով կասկածում եմ, որ 2009ին մեր պանքային համակարգը որեւէ խնդիր կ’ունենայ»:
Ան իր [...]

December 29th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

Իսրայէլ Հարիւրաւոր Պաղեստինցիներ Կը Սպաննէ Կազայի Մէջ

Իսրայէլ Հարիւրաւոր Պաղեստինցիներ Կը Սպաննէ Կազայի Մէջ

ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան օդանաւեր Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին, յաջորդական երրորդ օրն ըլլալով, շարունակեցին հարուածել Կազան՝ ռմբակոծելով «Համաս»ի ապահովական կարեւոր կեդրոններ, Կազան Եգիպտոսի կապող մաքսանենգման փապուղիներ, ինչպէս նաեւ Կազայի տարածքին գտնուող տասնեակներով այլ թիրախներ։
Իսրայէլ Կիրակի օր զօրակոչի ենթարկեց 6500 պահեստի զինուորներ եւ իր հետեւակ ու զրահապատ ուժերը տեղադրեց Կազայի սահմանին վրայ՝ առ ի պատրաստութիւն հաւանական ներխուժումի [...]

December 29th, 2008

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Եօթի» Դատավարութիւնը Կը Յետաձգուի

«Եօթի» Դատավարութիւնը Կը Յետաձգուի

ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 1ի դէպքերուն եւ յաջորդող օրերու իրադարձութեանց կապակցութեամբ Հայաստանի դատախազութեան կողմէ ամբաստանուած ու արգելափակուած ընդդիմադիր եօթը գործիչներուն դատավարութիւնը, որ պէտք է շարունակուէր անցեալ Շաբաթ օր, յետաձգուեցաւ դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի կարգադրութեամբ՝ «հիմք ընդունելով մեղադրեալների ոտքի չկանգնելը եւ դատարանի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունքը»:
Դատավարութիւնը յետաձգուած է մինչեւ 2009ի Յունուար 9ը: Յիշեցնենք, որ այս գործիչները մեղադրուած են «սպանութիւններով [...]

December 29th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Նոր Յանձնաժողով՝ Սեւանի Չուրի Օգտագործումը Կարգաւորելու Համար

Նոր Յանձնաժողով՝ Սեւանի Չուրի Օգտագործումը Կարգաւորելու Համար

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 26ին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Սեւանայ լիճի հիմնահարցերուն վերաբերող յանձնաժողով ստեղծելու մասին: «Մենք հէնց հիմա պէտք է յանձնաժողով ստեղծենք, որպէսզի մինչեւ ոռոգման սեզոնի սկսելը՝ կարողանանք շատ խնդիրներ լուծել», յայտնած է նախագահը՝ հարցին հրատապութիւնը բացատրելով:
Նախագահի յանձնարարականով, այսուհետեւ Սեւանէն ոռոգման նպատակով դուրս բերուող ջուրի քանակն ու ժամկէտը պիտի որոշուին նորաստեղծ յանձնաժողովին կողմէ, միաժամանակ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Ճանաչումի Գործընթացը Անշրջելի Է

Ճանաչումի Գործընթացը Անշրջելի Է

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտի միջանցքներուն մէջ լծակներ փնտռելու ու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու առաջին քայլերէն մինչեւ Ուրուկուէյի խորհրդարանին կողմէ պետական մակարդակի առաջին անգամ Ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը եւ դէպի ճանաչում թեքող որոշումը, մինչեւ յաջորդող տարիներուն գլխաւորաբար Հայ Դատի յանձնախումբերու միջազգային ցանցի համակարգուած ու նպատակասլաց աշխատանքներուն շնորհիւ՝ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման [...]

December 26th, 2008

| Posted in Խմբագրական | Read More »

Ղարաբաղի Մէջ Հասարակական Խորհուրդ Կը Ստեղծուի

Ղարաբաղի Մէջ Հասարակական Խորհուրդ Կը Ստեղծուի

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող հասարակական գործիչներու խումբ մը ստեղծած է արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով խորհուրդ։
Ստեփանակերտի մամուլի ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, Խորհուրդը նպատակ ունի »ի մի բերել Ղարաբաղում առկայ մտաւոր ներուժը եւ այն ի սպաս դնել արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան ոլորտում Արցախի առջեւ ծառացած հրատապ խնդիրների լուծմանը«:
Խորհուրդը պիտի գլխաւորէ ԼՂՀ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Վարչապետ Տ. Սարգսեան Ընդունած Է Ազգային Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչներ

Վարչապետ Տ. Սարգսեան Ընդունած Է Ազգային Փոքրամասնութիւններու Ներկայացուցիչներ

ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.- Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդած է, թէ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Դեկտեմբեր 26ին ընդունած է Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազգային փոքրամասնութիւնները յուզող ընկերային, կրթական, մշակութային եւ այլ խնդիրներ: »Մենք հակուած ենք հնարաւորինս լուծելու առկայ առաջնահերթ խնդիրներ՝ ի հարկէ, համագործակցելով ձեզ հետ«, վստահեցուցած է վարչապետը:
Բացի վերոնշեալ խնդիրներու արծարծումէն, քննարկուած [...]

December 26th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Դրամով Կը Պարգեւէ Հայրենիքին Ծառայողները

ԼՂՀ Նախագահը Դրամով Կը Պարգեւէ Հայրենիքին Ծառայողները

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 25ին ստորագրած է կարգադրութիւն մը, ըստ որուն 2009ի Յունուար 1էն սկսեալ, հայրենիքին ակնառու ծառայութիւններ մատուցած 90 անձերու համար պիտի նշանակուի ցմահ ամսական դրամական պարգեւատրում՝ Ղարաբաղի նուազագոյն աշխատավարձի քսանապատիկին չափով:

December 26th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Վերահսկիչ Պալատը Յայտնաբերած Է 865 Միլիոն Դրամի Խախտումներ

ԼՂՀ Վերահսկիչ Պալատը Յայտնաբերած Է 865 Միլիոն Դրամի Խախտումներ

Դեկտեմբեր 26ին իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ղարաբաղի վերահսկիչ պալատի նախագահ Արթուր Մոսիյեան յայտնեց, թէ՝ «ԼՂՀ վերահսկիչ պալատին յաջողուել է 2008 թուականի գործունէութեան ծրագիրը ամբողջութեամբ աւարտել»:
Ան տեղեկացուց, թէ 2008ի ծրագիրով վերահսկողութեան ենթարկուած են 135 հաստատութիւններ եւ քննութեան ենթարկուած են անոնց 2006-2007ի գործունէութիւնը:
«Վերահսկողութեան ընթացքում, ընդհանուր առմամբ, յայտնաբերուել են 864 միլիոն 469 հազար դրամ գումարի [...]

December 26th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Խորհրդային Տարիներու Իրենց Աւանդներուն Դիմաց Հատուցում Ստացած Է 7800 Անձ

Խորհրդային Տարիներու Իրենց Աւանդներուն Դիմաց Հատուցում Ստացած Է 7800 Անձ

ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարի խորհրդային տարիներուն խնայողական դրամատան մէջ իրենց ունեցած աւանդներուն դիմաց փոխհատուցում ստացած է 7800 մարդ: Այս մասին »Panorama.am«ին յայտնած է Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան մեթոտական օգնութեան բաժինի պետ Արմէն Մարգարեան: Ըստ Մարգարեանի, այս տարի աւանդներու փոխհատուցման համար պետական ամավարկէն յատկացուած էր մէկ միլիառ 300 միլիոն դրամ, իսկ գալիք տարուան համար յատկացուած [...]

December 26th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

Րաֆֆի Մանուկեան «Հորիզոն»ին Կը Նուիրէ Նոր Սարքաւորումներ

Րաֆֆի Մանուկեան «Հորիզոն»ին Կը Նուիրէ Նոր Սարքաւորումներ

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հայկական «Մետիա ցանց»ի տնօրէններու խորհուրդը ուրախութեամբ կը յայտարարէ վերջերս կատարուած 150,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութեան մասին, որուն շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանը օժտել ամէնէն արդիական սարքաւորումներով: Նուիրաբերումը կատարուած է ականաւոր նուիրատու եւ «Հորիզոն»ի երկար տարիներու աջակցութիւն ցուցաբերած տիար Րաֆֆի Մանուկեանի կողմէ, որ նաեւ թիկունք կանգնած է «Հորիզոն»ի բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն՝ կայանի ստեղծման առաջին իսկ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստանի Քաղաքացիութիւն՝ Շարլ Ազնաւուրին Կը Տրուի

Հայաստանի Քաղաքացիութիւն՝ Շարլ Ազնաւուրին Կը Տրուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 25ին ստորագրած է հրամանագիր մը, որով Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհուած է մեծանուն երգիչ, հասարակական գործիչ, Հայաստանի հանրապետութեան «Ազգային հերոս» Շարլ Ազնաւուրին եւ անոր համերգներու կազմակերպիչ, Մովսէս Խորենացիի շքանշանակիր Լեւոն Սայեանին:

December 26th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Օժանդակութիւնները Ղարաբաղին

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Օժանդակութիւնները Ղարաբաղին

ԼՂՀ Հանրային պատկերասփիւռը նոր տարուան հետ իր հաղորդումները պիտի սկսի նոր ճարտարագիտական նոր սարքաւորումներով, որոնք ձեռք բերուած են «Հայաստան» հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի տեղական մարմինի տրամադրած գումարներով: Այս մասին յայտնած է հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Պատկերասփիւռի տնօրէնին խօսքով, ներկայի սարքաւորումները, որոնց մէկ մասը նաեւ տրամադրուած էր հիմնադրամին կողմէ, սկսած են բարդութիւններ յառաջացնել հեռարձակման ժամանակ:
Հարիւր [...]

December 26th, 2008

| Posted in Հայաստան | Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Երեւակայութեամբ՝ Անպարտելի Հերոսը

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ Երեւակայութեամբ՝ Անպարտելի Հերոսը

Հայկական առածը կ’ըսէ. «Աչքը ելլէ, անունը չ’ելլէ»: Քաջ Նազարին անունը «անմահացած» այն անուններէն մէկն է, որուն աչքը եթէ ելած ըլլար, ազատած կ’ըլլար տասնամեակներ շարունակ ասոր-անոր բերանին մէջ ծամծմուելու փորձանքէն: Բայց ի՞նչ ընէ, այլեւս ուշ է. մէյ մը անունը տարածուած է, իբրեւ «Քաջ Նազար», եւ կարելի չէ ետ դարձ կատարել եւ սրբել այն հաստատումը, թէ՝ «մէկ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Uncategorized | Read More »

Իրաւունքի Եւ Արդարութեան 118ամեայ Դրօշակիրը. Դաշնակցութիւնը Մերօրեայ Իր Դէմքով Ու Պատգամով

Իրաւունքի Եւ Արդարութեան 118ամեայ Դրօշակիրը. Դաշնակցութիւնը Մերօրեայ Իր Դէմքով Ու Պատգամով

Դաշնակցութեան Օրուան տարեդարձի տօնակատարութիւնները արդէն տասնամեակներու սովորոյթ եւ բազմախորհուրդ աւանդոյթ դարձած են։ Այսուհանդերձ՝ բնաւ չեն վերածուած ծիսակատարութեան եւ, ընդհակառակն, առիթ ծառայած են վերանորոգման ու վերաշխուժացման։
Մեր Օրուան խորհուրդը իր այժմէականութիւնն ու թելադրականութիւնը պահպանած է որոշապէս այն պատճառով, որ յատկանշուած է հաշուետուութեան ոգիով։ Որքան ալ Դաշնակցութեան անցեալն ու փառքը արժանի ըլլան յաւուր պատշաճի մեծարանքի, որքան ալ մեծակշիռ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ոստիկան Զէնիթ Կը Բանայ Տինքի Սպանութեան Նոր Ծալքերը

Ոստիկան Զէնիթ Կը Բանայ Տինքի Սպանութեան Նոր Ծալքերը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Նախորդող երկու օրերուն թրքական մամուլը կրկին ուշադրութիւն սեւեռած է Հրանդ Տինքի սպանութեան գաղտնի մնացած ծալքերուն վրայ։ Հարցը վերստին օրակարգի եկած է այդ պատճառով, որ դատարանը իբրեւ վկայ ունկնդրած է ոստիկան Մուհիտտին Զէնիթը, որ այդ տարիներուն աշխատած էր Տրապիզոնի լրաքաղութեան բաժինէն ներս։ Զէնիթ յայտնած է, թէ ինք չէր գիտեր, որ վերջ տրուած էր Թունճէլի [...]

December 26th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ի՞նչ Իրաւունքով

Ի՞նչ Իրաւունքով

«Ասպարէզ».- Պոլսոյ պատրիարքութեան կրօնական ժողովի հրապարակած զեկոյցին առթիւ (տես առաջին էջով մեր տեղեկագրութիւնը), «Մարմարա»ի խմբագրութիւնը յայտնած է իր զարմանքն ու ընդվզումը: Ստորեւ՝ «Մարմարա»ի հակազդեցութիւնը այդ զեկոյցին:
«Մեզի համար անհաւատալի է, որ Կրօնական ժողովը ինքնիրեն այսպիսի նիստ մը գումարէ ու նմանօրինակ որոշում մը ընդունելով՝ զայն հրապարակէ։
Այս առաւօտ ստուգեցինք արդէն, որ Կրօնական ժողովը այսպիսի զեկոյց մը [...]

December 26th, 2008

| Posted in Օրը Օրին | Read More »

Թուրքիան Հայաստանի Հետ Նախապայմանների Լեզուով Է Խօսում Հարցազրոյց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Ա. Ռուստամեանի Հետ

Թուրքիան Հայաստանի Հետ Նախապայմանների Լեզուով Է Խօսում Հարցազրոյց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Ա. Ռուստամեանի Հետ

Թուրքիան Հայաստանի Հետ Նախապայմանների Լեզուով Է Խօսում
Հարցազրոյց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Ա. Ռուստամեանի Հետ
ՔԱՐՄԷՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՄԷՆ ԴԱՒԹԵԱՆ.- Պրն. Ռուստամեան, Ղարաբաղեան խնդրի առնչութեամբ ի՛նչ տեսակէտ ասես չի հնչում. փորձագէտների մի մասը պնդում է՝ հարցն օրերս կը լուծուի, միւսը՝ երկար ժամանակ չի լուծուի, ոմանք էլ պնդում են, որ իրավիճակը շատ նման է 97ին, եւ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Հարցազրոյց | Read More »

Պոլսոյ Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի Հրապարակած Վիճելի Զեկոյցը

Պոլսոյ Պատրիարքարանի Կրօնական Ժողովի Հրապարակած Վիճելի Զեկոյցը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովը, առանց համայնքային շրջանակներու հետ խորհրդակցելու, պէտք զգացեր է յիշեցնելու, թէ պատրիարքը ցկեանս պատրիարք է, եւ պատրիարքի ընտրութեան հարց մը չկայ օրակարգի վրայ:
«Մարմարա» կը գրէ, թէ Հինգշաբթի առաւօտ, «Զարմանքով ու քիչ մըն ալ ցասումով ստացանք Կրօնական ժողովի ստորագրութեամբ գրի առնուած զեկոյց մը, որուն մէջ Կրօնական ժողովը, յանկարծ ու անհասկնալի [...]

December 26th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

50ԱՄԵԱԿ՝ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՄԻՆ, 35ԱՄԵԱԿ՝ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻՍ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմը Կը Շարունակէ Հոգեւոր Ծառայութեան Իր Յանձնառութիւնը

50ԱՄԵԱԿ՝ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՄԻՆ, 35ԱՄԵԱԿ՝ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻՍ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմը Կը Շարունակէ Հոգեւոր Ծառայութեան Իր Յանձնառութիւնը

Կիրակի, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ներկայութեամբ պաշտօնական եւ ներկայացուցչական անձնաւորութիւններու ու մեծաթիւ հաւատացեալներու, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տօնախմբութիւն մը, նշելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ծառայական առաքելութեան սկզբնաւորման 50րդ տարեդարձն ու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի հաստատման 35ամեակը։ Հանդիսութիւնը առիթ եղաւ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Լուրեր | Read More »

Ամանորեայ Մտորումներ՝ «Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս»էն

Ամանորեայ Մտորումներ՝ «Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս»էն

Մանկապարտէզէն ի վեր կը յաճախեմ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը։ Այս դպրոցը ինծի համար դարձած է երկրորդ տուն, ուր ուսուցիչները, որպէս ծնողներ եղած են հոգատար ու գուրգուրացող, իսկ աշակերտները՝ իմ քոյրերն ու եղբայրները։
Այս Նոր Տարին, որպէս վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտուհի, շատ խառն ու յուզումնալից զգացումներ ունիմ իմ դասարանակիցներուս եւ մասնաւորաբար դպրոցիս հանդէպ։ Շատ [...]

December 26th, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Արուեստագէտ Թ. Յովհաննիսեանի Հետ Գրական-Երաժշտական Հանդիպում Պէյրութի Մէջ

Արուեստագէտ Թ. Յովհաննիսեանի Հետ Գրական-Երաժշտական Հանդիպում Պէյրութի Մէջ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին եւ Լիբանանահայ արուեստագէտներու համախմբումին, Երկուշաբթի, 15 Դեկտեմբերին, «Կարտըն Թաուըր» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական-երաժշտական հանդիպում մը՝ կատարողութեամբ հայրենի արուեստագէտ դոկտ. Թամար Յովհաննիսեանի եւ ներկայութեամբ լիբանանահայ արուեսագէտներու եւ մտաւորականներու։
Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Պեպօ Սիմոնեան, որ արժեւորեց օրուան հանդիպումը՝ նկատելով, որ Թամար Յովհաննիսեան իր մարզին մէջ մեծ ներդրում ունեցող դէմքերէն [...]

December 26th, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »

Առաջնորդ Սրբազանը Կ’ընդունի Լա Քրեսենթայի ՀՅԴ «Զաւարեան» Կոմիտէի Այցելութիւնը

Առաջնորդ Սրբազանը Կ’ընդունի Լա Քրեսենթայի ՀՅԴ «Զաւարեան» Կոմիտէի Այցելութիւնը

Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 23 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լա Քրեսենթայի շրջանի ՀՅԴ «Զաւարեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Հաւաթեանի եւ չորս անդամներու։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին, ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ անդամներ՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան։
Հանդիպումը ունէր քաղաքավարական բնոյթ։ Հիւր ներկայացուցիչները Ազգ. առաջնորդարան եկած [...]

December 26th, 2008

| Posted in Սփիւռք | Read More »