Home » January 30th, 2009Entries posted on “January, 2009”
Յանկարծ ձեր ընտանեկան յարկէն ներս կ’աւելնայ նոր անդամ մը: Ո՛չ, ո՛չ, դուք նոր երեխայ մը չէք ունեցած, ոչ ալ բարեկամ մը կամ ազգական մը ձեր տունը կը գտնուի հիւրաբար: Պարզապէս ձեր երեխային ընկերը… երեւակայական ընկերն է, որ կ’այցելէ ձեզ:
Ինչո՞ւ երեխաները կ’ունենան երեւակայական ընկերներ
2-6 տարեկաններու միջեւ երեխաներու մօտ յաճախակի կերպով կարելի է հանդիպիլ երեւակայական [...]
January 30th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Վերջին 25 տարիներու ընթացքին մէկ եռամսեակի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու տնտեսական մեծագոյն նահանջը արձանագրուած է 2008ի վերջին եռամսեակին: Արդարեւ, առեւտուրի նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունուար 30ին հաղորդեց, թէ նահանջը 3.8 տոկոս եղած է, ինչ որ տնտեսագէտներու կողմէ ակնկալուած 5 տոկոսէն աւելի լաւ տուեալ մըն էր: Սակայն, տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ այս տարուան Յունուար-Մարտը կրնայ աւելի վատ [...]
January 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան փոխնախագահ Գէորգ Մկրտչեան յայտարարած է, թէ կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ 2009ին Ղարաբաղի մէջ կազմակերպել Հայաստանի, Չաւախքի, Սփիւռքի, ԼՂՀի երիտասարդներու հանդիպում, ուր պիտի քննարկուին երիտասարդութիւնը յուզող հարցեր, պիտի մշակուի մէկ միասնական ծրագիր, որ պիտի համախմբէ տարբեր երկիրներ բնակող հայ երիտասարդները: Կը նախատեսուի նաեւ հանդիպում մը ԼՂՀի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Յաջորդ Կիրակի, Փետրուար եօթին, Ս. Սարգիս զօրավարին տօնն է: Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, հայ երիտասարդին մօտ հաւատքի զգացումները զօրացնելու ակնյայտ նպատակով, այդ օրը հռչակած է Երիտասարդներու օրհնութեան օր:
«Առաւօտ» օրաթերթը այս տօնին մասին կու տայ հետեւեալ հետաքրքրական բացատրութիւնը.
«Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը Հայաստանում ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ՝ ժողովրդական սովորոյթներով, [...]
January 30th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Կառավարութեան Յունուար 30ի նիստին, նախարարներու զեկոյցներուն ընթացքին, երբ վարչապետը հրաւիրած է սփիւռքի նախարարը իր ելոյթը ունենալու, ան նշած է, թէ այս նախարարութիւնն է, ուր խնդիրները աւելի շատ կ’ըլլան յաճախ: Այդպէս ալ եղաւ։ Իր դրած հարցերու երկար շարքին մէջ, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանցնացուցած է երեք հիմնական խնդիրներ՝ նոր Սփիւռքը դասական Սփիւռքին հետ միաձուլուելու [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կիրակի Յունուար 18, 2009ին, Հոլիվուտի Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ, ապա «Կարապետեան» սրահէն ներս անուանակոչութեան հանգամանաւոր արարողութիւն, Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Սուրբ Յովհաննու Կարապետի տօնին առթիւ:
Ներկայ էր թեմի բարեջան առաջնորդ, Բարձրաշնորհ Տէր Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, ազգային պատկան մարմիններու անդամներ եւ եկեղեցւոյ բարերարներ:
Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Վիգէն [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Աւստարալիոյ օրուան առիթով, Երկուշաբթի, Յունուար 26ին, Ռայտ քաղաքին քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սարգիս Ետելեան արժանացած է երկրին բարձրագոյն շքանշաններէն մէկը համարուող «Order of Australia Medal»ին, «բազմամշակութային համարկումի նախաձեռնութիւններու նպաստելուն եւ զանոնք զարգացնելու միջոցաւ հայ համայնքին եւ տեղական կառավարութեան մատուցած սպասարկութեանց համար»:
«Խոնարհութեամբ եւ հպարտութեամբ կը ստանամ սոյն շքանշանը: Այս երկիրը լաւագոյն առիթները ընծայած է եւ կը [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ ազգերու փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար (UNHCR-ի) հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Պուշրա Հելիփոթայի հետ:
ՄԱԿի ներկայացուցիչը նախարարին ներկայացուցած է իր կազմակերպութեան գործունէութիւնը, մասնաւորապէս նշելով, որ 1991էն ի վեր անոնք զբաղած են նախ Ատրպէյճանէն (շուրջ 350.000), ապա՝ 2003էն ի վեր՝ Իրաքէն (շուրջ 1.000) փախստականներու եւ [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս մեծարգոյ Արմէն Լիլոյեան ի մօտոյ կ՚ամբողջացնէ իր պաշտօնավարութեան շրջանը ու հայրենի պետութեան տնօրինումով, պիտի վերադառնայ Հայաստան։
Այս առիթով, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէն Չորեքշաբթի, 28 Յունուարի երեկոյեան կազմակերպած էր ողջերթի երեկոյ մը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Ֆենիշիա» ճաշարանին մէջ։ Ներկայ եղան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Լոնտոնաբնակ հայազգի Ասատուր Կիւզէլեան կը տեղեկացնէ, թէ Հռոմի քաղաքապետարանի մշակոյթի յանձնախումբը ընդունած է որոշում մը, ըստ որուն Հռոմի «Պորթուենսէ» այգին պիտի ձօնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Այս առթիւ նշեալ յանձնախումբի անդամներէն մէկը յայտնած է. «20րդ դարու Առաջին ցեղասպանութեան ուղղութեամբ արդարութեան ճանաչումը յոյժ կարեւոր է Հռոմի մէջ ապրող հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն համար»:
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԷՆՔ.- Կիրակի, Յունուար 25ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիսապետեց առաջնորդանիստ Մայր տաճարի Ս. պատարագին: Սրբազան հօր որոշումով, Հրանդ Տինքի սպանութեան երկրորդ տարելիցին առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ պատարագի աւարտին: Նոյնպէս հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Խորէն Պալեանի հոգիին համար:
Նոյն օրը, կ.ե. ժամը 1:30ին, առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, ընկերակցութեամբ սարկաւագներ Մէթիու Աշի եւ Ռազմիկ Սարգիսեանի, [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութեան պետ Արտէօմ Գրիգորեան Յունուար 30ին հաղորդեց, թէ յուշարձաններու պահպանութեան պետական նորագոյն ցանկին մէջ ընդգրկուած է 24 հազար 200 յուշարձան: Անոնց թիւը տարուէտարի կ’աճի՝ հնագիտական նոր յուշարձաններու յայտնաբերումով:
Յուշարձաններու եւ մշակութային արժէքներու պահպանման համար 2009ի պետական ամավարկէն յատկացուած է 602.5 միլիոն դրամ, որմէ 522 միլիոնը [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հրէական Ողջակիզումին միջեւ շօշափելի կապ մըն է 1915ին Էրզրումի մօտ Գերմանիոյ հիւպատոս Մաքս Վոն Շէօպըր-Ռիխթըր, որ հետագային Նացիական կուսակցութեան հիմնադիրներէն եղած է։
Ան Հիթլերի ամէնէն վստահելի եւ յարգանք վայելող գործընկերներէն էր եւ անոր կողմէ անփոխարինելի նկատուած էր:
Հիթլերի հետ այս անձնական կապը պատճառ դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Հիթլերի տեղեակ ըլլալուն, եւ [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. «Փանորամա».- «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը Յունուար 30ին հաղորդեց, թէ յառաջիկայ Մարտ 29էն սկսեալ, օդանաւային տոմսերուն արժէքները պիտի բարձրանան, իբրեւ հետեւանք «պետական տուրք»ի նոր փոփոխութեան, որուն համաձայն, ընկերութիւնը յետայսու պետութեան գանձած օդի հարկը պիտի գումարէ տոմսերու սակին:
Օդի հարկի պարտադրանքէն զերծ պիտի մնան մինչեւ 12 տարեկան երեխաները, տարանցիկ (transit) ուղեւորները, Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի մասնակիցներն [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Տաւոսի մէջ Յունուար 29ին ունեցած իրենց առաջին հանդիպման ընթացքին դրական գնահատած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման ընդհանուր գործընթացը, եւ յանձնարարած են իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն՝ «լրացուցիչ ջանքեր գործադրել կարգաւորման համար», յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Հանդիպումէն անմիջապէս ետք, մամուլին հետ [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեան, երէկ, կառավարութեան առջեւ իր հաշուետուութեան ընթացքին յայտնեց, որ 2008 Յունուար 1ի դրութեամբ հանրապետութեան տարածքին կալանաւորուածներու եւ դատապարտեալներու թիւը կը կազմէր 3539 անձ, իսկ 2009 Յունուար 1ին, այդ թիւը բարձրացած է 3965ի:
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Յունուար 29ին, մառախուղի պատճառով, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ յետաձգուեցան բոլոր թռիչքները։ Նոյն պատճառով ալ, Սթրասպուրկէն ճամբայ ելած չեխական օդանաւ մը, որուն ճամբորդներուն մէջ կային ԵԱՀԿի ժողովին մասնակցած հայ դիւանագէտներ, չկրցաւ «Զուարթնոց» օդակայան վայրէջք կատարել եւ այդ պատճառով ուղղուեցաւ Թուրքիա, ուր հան-գրուանեց Տրապիզոնի օդակայանը։ Օդանաւը միայն գիշերուան ժամերուն կրցաւ Տրապիզոնէն վերադառնալ Երեւան։
January 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Օրօրոցէն մինչեւ գերեզման մարդկային կեանքը պատկերացնող խորհրդանշական նկար մը շրջանառութեան մէջ էր անցեալին. անիկա շատ տպաւորած է նաեւ զիս:
Այս պատկերը հիմնականին մէջ հաւաքածոյ մըն է մէկ մեծ ու երկու փոքր կլորներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ նկարուած են առանձին պատկերներ: Կեդրոնական այս մեծ կլորը համեմատաբար միւս երկուքին, աւելի մեծ տրամագիծ ունի: Ասիկա կը ներկայացնէ Ադամն ու [...]
January 30th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստանէն կու գաս՝ արձակուրդի: Սփիւռքի մէջ մեծցած հայ, ազգական-բարեկամներուդ մեծագոյն մասը արձակուրդի կ’երթայ Հայաստան: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել զգացումներդ այս պատկերին մէջ:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԷԱՆ.- Պիտի չուզէի տեղս փոխանակել իրենց հետ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Սփիւռքէն հայրենիք՝ տուն: Թուականներով ու վայրերով խնդրեմ ներկայացուր կենսագրութեանդ գլխաւոր կէտերը:
ԶԱՊԷԼ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ.- Երեք հանգրուանով.
Առաջին՝ 1996ին, Նիկոլին հետ պսակուեցայ Գեղարդ, որոշեցինք [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Ընդդիմադիր ճակատէն Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութեան առաջնորդ Ստեփան Դեմիրճեան, Յունուար 30ին «Տեսակէտ» ակումբին մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ Մարտ 1, 2009ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք: Ըստ Դեմիրճեանի, Հայ ազգային քոնկրէսի ծրագրած այս հանրահաւաքը խափանելու նպատակով, ոստիկանութիւնը «բացատրական աշխատանք» կը տանի ընդդիմութեան համակիրներուն նկատմամբ՝ փորձելով զանոնք համոզել, որ հանրահաւաքին չմասնակցին:
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հազարամեակի մարտահրաւէր» հիմնադրամ-Հայաստան ծրագիրը (ՀՄՀ-Հայաստան), «Ոռոգելի գիւղատնտեսութիւն» ծիրէն ներս սկսած է հիմնանորոգման աշխատանքներ՝ հանրապետութեան վեց մայր ջրանցքներու (Արմաւիր, Արտաշատ, Արզնի-Շամիրամ, Ստորին Հրազդան, Շիրակ, Թալին) քայքայուած կառոյցներու եւ վթարուած հատուածներուն համար:
ՀՄՀ-Հայաստան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արա Յովսէփեան, Յունուար 30ին յայտարարեց, թէ վերոյիշեալ շինարարական աշխատանքներուն համար պիտի ծախսուի շուրջ 14 միլիոն տոլար. անոնք պիտի աւարտին [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՓՐԻՆԿՖԻԼՏ, «Էյ.Փի.».- Չորս օր տեւած դատավարութենէ մը ետք, Իլլինոյի Ծերակոյտը Հինգշաբթի, Յունուար 29ին միաձայնութեամբ որոշեց պաշտօնազրկել նախագահ Պարաք Օպամայի ծերակուտական աթոռը «ծախել» փորձած նահանգապետ Ռատ Պլակոյովիչը, որ նաեւ դրամահաւաքի համար շարք մը անօրէնութեանց դիմած էր: Ան նաեւ այսուհետեւ նահանգէն ներս քաղաքական որեւէ պաշտօն պիտի չկարենայ ստանձնել:
January 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Յունուար 29ին, Ախալցխայի Շրջանային դատարանին մէջ Միասնական Չաւախք ժողովրդավարական դաշինքի ղեկավար Վահագն Չախալեանի եւ իր ընտանիքի անդամներուն դատական նիստին ներկայացած են 4 վկաներ:
2006ի Մարտի դէպքերուն մասին վկայութիւններ տուած են Ախալքալաքի երկու դատաւորներ՝ Պորիս Զետգինիծէն եւ Նոտար Կվարամածէն, որոնք պարզած են, որ Վահագն Չախալեանի դէմ էական որեւէ մեղադրանք չկայ: Անոնք հաստատած են, թէ Վահագն իրենց [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Թէքէեան մշակութային միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ մասնաճիւղը բանախօսական երեկոյ մը կազմակերպած էր Կիրակի, Յունուար 25ին, երեկոյեան ժամը 5ին, ԹԹՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ, Ալթատինա:
Բանախօսութեան նիւթն էր «Հնդկահայութեան անցեալն ու ներկան»: Բանախօսն էր Արմէն Արոյեան, որ հանգամանօրէն եւ հմտութեամբ խօսեցաւ այս նիւթին մասին: Տեղի ունեցաւ նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն՝ ներառեալ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի անցեալ տարուան Հնդկաստան կատարած [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան երիտասարդ անդամները հոյակապ գաղափարը յղացած են՝ առաջարկելով Երեւանի կեդրոնական Հանրապետութիւն հրապարակին վրայ տեղադրել Առաջին հանրապետութիւնը կերտած Արամ Մանուկեանի արձանը:
Մենք այս առթիւ կ’ուզենք մեր ձայնը միացնել երիտասարդ դաշնակցականներու կոչին՝ դիմելով այս հարցը կարգաւորելու իրաւասութիւնը ունեցող համապատասխան պետական մարմիններու, որպէսզի ընդառաջեն ու ձեռնարկեն ազգի բարոյական կորովը բարձրացնելու միտող այս աշխատանքին:
Երեւան [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Յունուար 29ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Տուպայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ վեհափառ հայրապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա Տուպայի մէջ, կաթողիկոսը պիտի նախագահէ Հայ Դատի աշխատանքներուն համար տեղի ունենալիք հանգանակութեան, որուն համար Տուպայ կը գտնուին զանազան շրջաններէ հայորդիներ: Արեմւտեան Ամերիկայի այս հաւաքին կը մասնակցի [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երեքշաբթի, 27 Յունուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին ներկայացնելու հիմնադրամի ծրագիրներն ու աշխատանքին ընթացքը։ Ներկայ էր նաեւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ներկայացուց յատկապէս Հայաստանի մէջ իր հաստատած կեդրոնին շինարարական աշխատանքին մանրամասնութիւնները: Կը նախատեսուի, որ կեդրոնը բացուի յառաջիկայ Ապրիլին։ Առաջնորդը [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՐՓԱ հիմնարկը ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ իր վարչական անդամներէն երկուքը՝ դոկտ. Յակոբ Փանոսեան եւ դոկտ. Գագիկ Մելիքեան, ընտրուած են Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ՀԳԱԱ) արտասահմանեան անդամ։ Նոյեմբեր 28ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն 78 սփիւռքահայ գիտնականներ անդամ ընտրուած էին այդ մարմինին:
Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի Աւետարանական երկրորդական վարժարանը։ Համալսարանական կրթութիւնը [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ Ուրբաթ, Յունուար 30ին Մոսկուա մեկնած է՝ հանդիպում մը ունենալու համար Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Անաթոլի Սերտիւքովի հետ: Քննուելիք գլխաւոր նիւթերէն մէկն է Ատրպէյճանի այն ամբաստանութիւնը, թէ Ռուսիա Հայաստանին տրամադրած է 800 միլիոն տոլար արժող զէնք ու զինամթերք: Մոսկուա քանի մը առիթներով հերքած էր այդ պնդումները:
January 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը Յունուար 30ին հաղորդեց, թէ հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ, 2008ին գրանցուած է 41 հազար 454 ծնունդ, ինչ որ 1135ով կը գերազանցէ 2007ի ցուցանիշը: Այդ մէկը արդիւնք է կառավարութեան գործադրած «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման 2003-2015 թ.» ազգային ռազմավարութեան եւ «Վերարտադրողական առողջութեան բարելաւման 2007-2015թ.» ծրագիրին:
Միւս կողմէ, 2008ի Յուլիս 1էն [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՏԱՒՈՍ, ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Տաւոսի տնտեսական հաւաքը Հինգշաբթի, Յունուար 29ի երեկոյեան աւարտեցաւ Թուրքիոյ համար գայթակղեցուցիչ նիստով մը, որովհետեւ նման պատահարներ հազուադէպ են միջազգային համագումարներու ընթացքին։
Արդարեւ, հրապարակային վերջին զրոյցը, որուն կը մասնակցէին Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա, խստօրէն զայրացուց [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Նայիրիտ» գործարանի մամլոյ քարտուղար Անոյշ Յարութիւնեան լրագրողներուն հաղորդեց, թէ յառաջիկայ Փետրուարին պիտի վերսկսին գործարանի արտադրութեան նախնական աշխատանքները եւ 1744 աշխատակիցներէն ժամանակաւոր գործազրկման ենթարկուած 1500 բանուորներ եւ պաշտօնեաներ Մարտին պիտի վերադառնան աշխատանքի, հակառակ անոր, որ արտադրութեան նախնական ծաւալները տակաւին չեն յստակացած, որովհետեւ այդ ծաւալները կապուած են շուկայի մէջ տիրող իրավիճակէն:
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը իր Հինգշաբթի, Յունուար 29ի թիւով հրապարակեց «Էրկէնէքոն»ի հարցով ձերբակալուած Իպրահիմ Շահինի բնակարանին մէջ գտնուած երկու անձերու մահափորձերուն ծրագիրները։ Անոնցմէ մէկուն թիրախն էր Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը: Մեսրոպ սրբազանին դէմ ծրագրուած մահափորձին հեղինակը պիտի ըլլար Քենան Թեմուր, որ պիտի գործէր ութ հոգինոց խմբակով մը։ Անոնք պատրիարքարանի մերձակայ շէնքերէն երկուքին տանիքները [...]
January 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Ռատիքալ» թերթի հեղինակաւոր աշխատակիցներէն Հաքքը Տէվրիմ Չորեքշաբթի օրուան իր սիւնակին մէջ «Մեր հայերուն ճշմարտութիւնը» վերնագիրին տակ համակրանք կ’արտայայտէ հայերէ ներողութիւն խնդրողներուն նկատմամբ։ Յայտնի քրոնիկագիրը կը յայտնէ, թէ երբ այդ պատճէնը հրատարակուեցաւ, տեսաւ որ ստորագրողներուն մէջ մօտաւորապէս 40 բարեկամ ունի։ Անոնք անձեր են, որոնց հետ ընդհանրապէս համախոհ է ինք։ Կը հաւատայ, որ իրեն անծանօթներուն հետ ալ [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ամանորի առիթով գեղեցիկ ու թանկագին նուէրներէն մէկն էր Մեսրոպեան ազգային վարժարանի մանկամսուրէն մինչեւ նախակրթարանի աշակերտներուն հանդէսը: Իրենց մատղաշ հոգիներէն ու թոթով լեզուներէն դուրս եկող հրաշալի ու կախարդական նուէր մըն էր, որ կը հարպուրէ ու կը հմայէ իրենց ծնողներն ու հարազատները։ Մեր աշակերտները ամէն Ամանորի ու Ծննդեան սեմին հանդէս կու գան նոր երգերով, նոր պարերով ու [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ուրբաթ, 23 Յունուար 2009ի երեկոյեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, Հայ օգնութեան միութեան կեդրոնը համախմբուած էին շրջանի ՀՄԸՄի անցեալի եւ ներկայի սկաուտ խմբապետ-խմբապետուհիները: Անոնք ընդառաջած էին իրենց ուղղուած հրաւէրին, որպէսզի անցեալի գեղեցիկ իրենց յուշերը վերապրին եւ հպարտանան ներկայ սկաուտ ղեկավարներով, որոնց պատրաստութեան մէջ իրենց արդար բաժինը բերած էին: Հոն էին նաեւ մօտակայ մասնաճիւղերու ներկայ սկաուտ պատասխանատուներն [...]
January 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«Ակօս» շաբաթաթերթը 23 Յունուարի իր թիւին մէջ հրատարակած է Էվրէն Տէտէ անուն յօդուածագիրի մը յօդուածը, որ «Հրանդ Տինք ինչո՞ւ այսքան կը սիրուի Թուրքերու կողմէ» խորագիրին ներքեւ կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ Հրանդ Տինք շատ սիրուեցաւ թուրքերուն կողմէ, որովհետեւ ան թողուց հայերէն լեզուն ու հայախօսութիւնը եւ թրքերէն թերթ հրատարակեց, թրքերէն խօսեցաւ ու պատճառ դարձաւ, որ թուրքերը [...]
January 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուեցաւ թեկնածու մը, որ իր ընտրապայքարի ընթացքին խոստացաւ եւ պահանջուած ատեն վերահաստատեց իր խոստումը՝ ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Այս թեկնածուի՝ Պարաք Օպամայի, յետընտրութեան քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ առաջին իսկ քայլերը կը թելադրեն, որ ան ընդհանրապէս տէրն է իր բոլոր խոստումներուն:
Միացեալ Նահանգներու նոր Քոնկրէսին կազմը եւս իր նոր համեմատութիւններով, բաւական յուսալի [...]
January 30th, 2009
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրենզոյի ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, յառաջիկայ Մարտ 8ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Էլէմընթ» խումբին ելոյթը, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան հայկական համագաղութային վարժարանին:
Յայտնենք, թէ վերջերս Ֆրեզնոյի վարժարանը այցելած էր քոնկրէսական Ճորճ Ռատանովիչ, հանդիպում մը ունենալով տնօրէնուհի Ռոզի Պետրոսեանին հետ, որուն ընկերակցութեամբ ան նաեւ այցելեց վարժարանին [...]
January 29th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այսօրուընէ սկսեալ Հայաստանի կառավարութեան անդամները եւ կառավարութեանն առընթեր մարմիններու ղեկավարները պիտի ներկայացնեն անցեալ տարուան գործունէութեան հաշուետուութիւնները:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի յանձնարարականին համաձայն, հաշուետուութիւնները պիտի ներառնեն հաշուետու ժամանակաշրջանին կատարուած աշխատանքներն ու անոնց արդիւնքները, ինչպէս նաեւ թերացումները, չկատարուած աշխատանքները եւ պատճառները: Յանձնարարուած է նաեւ հաշուետուութիւնները հրապարակել նախարարութիւններու եւ կառավարութեան առընթեր մարմիններու համացանցային կայքէջերու վրայ:
Առաջին զեկուցողները [...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունուար 30ին, Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ըսաւ, թէ ինք յոյս ունի, որ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները բնականոն պիտի դառնան, ի շահ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն: «Մեր դիրքորոշումն է, որ կարգաւորենք յարաբերութիւնները, հաստատենք դիւանագիտական կապեր, բացուեն սահմանները, դրանից [...]
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մօտ Հայաստանի պատուիրակութիւնը երէկ հրապարակած է Ատրպէյճանի կողմէ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան քարոզչութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը, ուր Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ուղղուի «անյապաղ վերջ տալու Հայաստանի, հայ ժողովրդի եւ հայկական ծագում ունեցող անձանց նկատմամբ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան քարոզչութեան քաղաքականութեանը եւ գործողութիւններին»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեան այս առթիւ յայտնած [...]
January 29th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱՐՄԱՐԱ.- «Ազգ» օրաթերթի աշխատակից Ռուզան Պօղոսեան, թերթի 22 Յունուարի թիւին մէջ, վերոյիշեալ խորագիրին ներքեւ կը գրէ հետեւեալը.
«Ինչպէս նախապէս նշած էինք, Երուսաղէմի Թորգոմ պատրիարքը իբրեւ փոխանորդ նշանակած է պատրիարքարանի լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեանը։ Յառաջացեալ տարիքի պատճառով, Թորգոմ պատրիարք վերջին տարիներուն լուրջ դժուարութիւններ ունէր կառավարելու եւ հսկելու վանքի վարչական գործերուն, ուստի փոխանորդ նշանակելու անհրաժեշտութիւնը լիովին հասունցած [...]
January 29th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունուար 29ին, մինչ Կազայէն արձակուած քանի մը հրթիռներ կ’իյնային հարաւային Իսրայէլի վրայ ու իսրայէլեան ուժերը կը շարունակէին ռմբակոծել Կազան, Միջին Արեւելքի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ Արեւմտեան Ափի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ՝ քննելու համար տագնապին երկարատեւ լուծում մը գտնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք, Միչըլ Կազայի [...]
January 29th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի մէջ հայկական քաղաքական գործունէութեան հիմնադիր Վահան Քարտաշեանի ու «ցեղասպանութիւն» բառը հաստատած Ռաֆայէլ Լեմքինի մասին «Center for Armenian Remembrance» հիմնարկին հրատարակած երկու հատորները հանրութեան ներկայացուեցան եւ քննարկումի նիւթ դարձան Հինգշաբթի, Յունուար 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ կայացած ձեռնարկի մը ընթացքին:
Օրուան առաջին բանախօսն էր վերոյիշեալ հատորները խմբագրած իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեան, [...]
January 29th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ասում են, «Մի ասա, որ դու ո՛վ ես:
Այլ ասա ո՞վ է քո ընկերը»:
Մեր ընկերն էր Հրայր Տէր Գրիգորեանը:
Արդար թէ անարդար, ճիշդ կամ սխալ, դժուար է, որ մեր ընկերոջ, հասարակական գործիչի եւ տիպար միութենականի բեղուն կեանքը ամփոփել այս քանի մը սեւ ու սպիտակ էջերի մէջ:
Բայց՝ թէ ի՛նչ…
Սա մեր խղճի ու մտքերի [...]
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Անգամ մը եւս շեշտելով տնտեսական ճգնաժամին դէմ արագօրէն շարժելու կարեւորութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Յունուար 29ին Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը գումարեց Քոնկրէսի դեմոկրատ եւ հանրապետական ղեկավարներուն հետ, փորձելով յատկապէս հանրապետականներուն աջակցութիւնը ապահովել մէկ օր առաջ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուած տնտեսութիւնը խթանող ծրագրին ուղղութեամբ:
Օպամա Երեքշաբթի օր նման հանդիպում մը ունեցած [...]
January 29th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած կառավարութեան հերթական նիստի ընթացքին, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան խիստ նկատողութիւն արձանագրած է առողջապահութեան նախարարութեան երկու փոխնախարարներուն՝ Թաթուլ Յակոբեանի եւ Աբրահամ Մանուկեանի հանդէպ, հասարակական վայրի մէջ «անընդունելի պահուածք» ցուցաբերած ըլլալու պատճառաւ:
Ըստ որոշ տաղբիւրներու, երկու փոխնախարարները ծեծկռտուքի մը մասնակից եղած են Մաշտոց փողոցի վրայ գտնուող «Քաքթուս» ճաշարանին մէջ:
«Ցաւօք, այս երեւոյթը [...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը զինուորական պաշտօնատարի մը խօսքերը վկայակոչելով՝ Չորեքշաբթի, Յունուար 28ին հաղորդեց, որ Մոսկուա առկախած է Քալինինկրատի մէջ հրթիռներու զետեղելու ծրագիրը, Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան քաղաքականութեան մէջ փոփոխութեան պատճառով։
Սպայակոյտէն պաշտօնատար մը յայտնած է, որ այս ծրագիրներուն գործադրութիւնը դադրեցուած է՝ մեկնելով այն իրողութենէն, որ «Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը չ’աճապարեր արեւելեան Եւրոպայի մէջ [...]
January 29th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Կան լուրջ ցուցանիշներ այն մասին, թէ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներու հրէական կազմակերպութիւնները արդէն նուազ պատրաստակամ են նեցուկ կանգնելու Քոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծը արգիլելու նպատակով Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած լոպպիինկի աշխատանքներուն։
Այդ երկու ռազմավարական դաշնակիցներուն միջեւ անհաշտութիւնը սկսաւ, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կոշտ կերպով դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Կազայի վրայ կատարուած յարձակումը եւ հրէական [...]
January 29th, 2009
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. «Երկիր».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդած է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունուար 28ի երեկոյեան մասնակցած է Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան, որմէ ետք համաժողովի նախագահ եւ հիմնադիր Քլաուս Շուապի կողմէ պաշտօնական ճաշկերոյթ կազմակերպուած է Տաւոս ժամանած բարձրաստիճան հիւրերուն ի պատիւ:
Նախօրէին նախագահը մասնակցած էր նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի կազմակերպած ընդունելութեան:
[...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Այս օրերուն, հայկական տարբեր կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ ողջերթի յատուկ ձեռնարկներով իրենց գնահատանքը կը յայտնեն Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանին, անոր մաղթելով յաջողութիւն իր նոր ստանձնելիք պարտականութիւններուն մէջ:
Այս ձեռնարկներու շարքին, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Կլէնտէյլի «Ֆնիշիա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային յարաբերութեան գրասենեակի կազմակերպութեամբ:
Երեկոյին մասնակիցներու անուանացանկը [...]
January 29th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Անցեալ տարուայ Նոյեմբերին Մոսկուայում Մայնտորֆեան հռչակագրի ստորագրումից յետոյ, որն ամրագրուեց Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահների կողմից, երեւան էր եկել որոշակի յոյս՝ եթէ ոչ փոխզիջումային պայմանագրի արագ ձեռքբերման, ապա գոնէ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում լարուածութեան թուլացման եւ Պաքուի ակրեսիւ (յարձակողապաշտ-Խմբ.) հռետորութեան մեղմացման առումով։ Ցաւօք, այդ յոյսերն իրականանալու բախտ չունեցան։ «Մայնտորֆին» գրեթէ անմիջապէս հետեւեցին Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւնները ղարաբաղեան [...]
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն.Նեթ».- ԵԱՀԿի մամլոյ ծառայութիւնը Յունուար 30ին հրապարակած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Մէթիու Պրայզայի (ԱՄՆ), Եուրի Մերզլեաքովի (Ռուսիա) եւ Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա) միատեղ յայտարարութիւնը, ուր համանախագահները յոյս յայտնած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը մօտիկ ապագային պիտի կարենան յաղթահարել տարաձայնութիւնները եւ կնքել հաշտութեան պայմանագիր, որ, համանախագահներուն խօսքով, հակամարտութեան բոլոր կողմերուն համար աւելի ընդունելի պիտի [...]
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆօ».- Արդէն եօթը օր է, որ Ախալցխայի հայ երիտասարդական կեդրոնի տնօրէն Գրիգոր Մինասեան եւ «Շարլ Ազնաւուր» բարեգործական կազմակերպութեան նախագահ Սերգէյ Յակոբջանեան ձերբակալուած են: Վերջիններուս ակնյայտօրէն սարքուած մեղադրանքները, սակայն, կը շարունակեն յարուցել ոչ միայն տարածաշրջանի հասարակական կազմակերպութիւններու, այլեւ՝ շարքային քաղաքացիներու բողոքը:
«Ես հաստատ համոզուած եմ, թէ՛ Գրիգորը եւ թէ Սերգէյը իսկական հայրենասէրներ են: Նրանք ոչ [...]
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հակառակ այն իրողութեան, որ 10 կիպրացի յոյն գերիներ սպաննելու մասին իր խոստովանութենէն ետք սկսած է պնդել, թէ ստած էր, թուրք դերասան Աթիլլա Օլկաչ կը գտնուի իբրեւ պատերազմական յանցագործ դատարան ներկայանալու վտանգին առջեւ։
Կիպրոս արդէն իսկ կը պատրաստուի անոր խոստովանութիւնները տանիլ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեան, իսկ Թուրքիոյ մէջ, Պաքըրգիւղի դատախազ Ալի Չաքըր թուրք դերասանին [...]
January 29th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Յառաջիկայ Փետրուար 16ին կ’ամբողջանայ Ղարաբաղի Գերագոյն խորհրուդի առաջին նախագահ, Արցախի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան 50ամեակը: Անկախ Ղարաբաղի առաջին ղեկավարին կեանքը ողբերգականօրէն ընդհատուած էր 1992ի Ապրիլ 14ին, դաւաճանի մը գնդակով: Անոր մահուան հանգամանքները հասարակութեան յայտնի չդարձան, սակայն մարդոց յուշերուն մէջ ան մնաց իբրեւ հայրենասիրութեան, բարոյականութեան եւ արժանապատուութեան խորհրդանիշ:
Յոբելեանը նշելու նպատակով, կառավարութիւնը Յունուար [...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը Յունուար 30ին տեղեկացուց, թէ Ֆրանսայի Օու Տը Սէն նահանգի նահանգապետ Փաթրիք Տեւետճեանը եւ «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի նախագահ Պետրոս Թերզեանը ստորագրած են պայմանագիր մը՝ Տաւուշի մարզին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման երկամեայ ծրագիրի մը իրականացման առնչութեամբ, որուն գործադրման համար Օու Տը Սէն նահանգը հիմնադրամին պիտի տրամադրէ կէս միլիոն եուրօ:
Պայմանագիրը նախապէս [...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը կը պահանջէ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կանգնեցնել Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան գլխաւոր հիմնադիր, առաջին ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանի արձանը:
Նկատի ունենալով Արամ Մանուկեանի մէծ ներդրումը 1918 թուականի անկախութեան հռչակման եւ Առաջին հանրապետութեան կազմաւորման գործին մէջ՝ Յունուար 29ին ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը նախաձեռնած է գործնական քայլերու եւ նամակ-առաջարկով դիմած [...]
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- Ղարաբաղի կառավարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը յայտնած է, թէ Յունուար 30ին տեղի ունեցած կառավարական նիստին հաստատուեցաւ Ղարաբաղի շրջաններու զարգացման ծրագիրի կազմութեան եւ իրականացման հայեցակարգը: Նիստին գլխաւոր օրակարգը կը կազմէին գիւղատնտեսական ընթացիկ եւ յառաջիկայ աշխատանքները:
Տնտեսական զարգացման նախարար Բենիկ Բաբայեանի բացատրութեամբ, հայեցակարգը կը սահմանէ այն սկզբունքներն ու մեթոտաբանութիւնը, որոնք նպատակաուղղուած են ԼՂՀ ընկերային-տնտեսական զարգացման խնդիր-ներու լուծման
[...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսի ի պատիւ ողջերթի երեկոյի պատուոյ սեղանը: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար տե՛ս օրը օրին սիւնակը:
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երեքշաբթի, 27 Յունուարին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ անդամներ Վահէ Յովակիմեան, Խաչիկ Երէցեան, եւ Կարօ Էշկիեան։
ՀՄԸՄի ներկայացուցիչները առաջնորդին ներկայացուցին սկաուտական ու դաստիարակչական ծրագիրներ, զորս կը փափաքին իրականացնել առաջնորդարանի հովանիին [...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի յարաբերութիւններու վարչութիւնը յայտնեց, թէ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի յանձնարարութեամբ, Աժ աշխատակազմի ղեկավար Գեղամ Ղարիբջանեան եւ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Վիքթոր Մնացականեան Յունուար 29ին այցելած են ԱԺի բանտարկեալ պատգամաւորներ Միասնիկ Մալխասեանին, Սասուն Միքայէլեանին եւ Յակոբ Յակոբեանին:
Ըստ լրատու գործակալութիւններու, նշեալ պատգամաւորները բաց նամակով դիմած էին ԱԺ նախագահին՝ խնդրելով կազմակերպել ԱԺի արտահերթ նիստ՝ [...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, հակադարձելով Կազայի դէմ յարձակումին ընթացքին Իսրայէլի հասցէին իր խիստ կեցուածքները քննադատողներուն՝ ըսաւ, թէ վէճի մը բոլոր կողմերուն հաճոյք պատճառող պատգամներ տալը համազօր է լուսանցքներուն վրայ նստելու, ինչ որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ յաջողութեան պիտի չառաջնորդէ։
Էրտողան նշեց, որ թրքական նախկին կառավարութիւնները դրացի եւ շրջանային երկիրներու հետ կանոնաւոր կապեր չունէին, [...]
January 29th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՏԱՒՈՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Յունուար 29ին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով երկու կառավարութիւններուն իրականացուցած դրական քայլերը պէտք չէ զոհ երթան հայկական Սփիւռքին մերժողական քայլերուն:
Թուրքիոյ վարչապետը Չորեքշաբթի օր, Տաւոս մեկնելէ առաջ, լրագրողներուն յայտնած էր, թէ՝ «Հայկական Սփիւռքը աշխատանք կը տանի, սակայն անոր ջանքերը նպատակաուղղուած են կացութենէն շահ ապահովելու։ [...]
January 29th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Վերջերս Հայաստան կը գտնուէր «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի ՀՅԴ ներկայացուցիչ քանատահայ Վաղարշ Էհրամճեանը:
Հայրենի «Առաւօտ» թերթի գործակից Գոհար Յակոբեան զրոյց մը ունեցաւ Վ. Էհրամճեանի հետ, որ ներկայացուց քանատահայ գաղութի առանձնայատկութիւնները եւ այն խնդիրները, որոնց վրայ պէտք է կեդրոնանայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը:
Վ. Էհրամճեան յայտնեց, որ Քանատայի մէջ ներկայիս կը բնակի 70-80 հազար հայ: Անոնք հիմնականօրէն կեդրոնացած [...]
January 29th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանեան բջիջային հեռախօսի շուկային մէջ առիւծի բաժինը գրաւած է «Վիւասէլ-ՄՏՍ» ընկերութիւնը, որուն բաժանորդներուն թիւը անցած է երկու միլիոնը: Ընկերութիւնը, ըստ անոր գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի, այս տարի ծրագրած է կատարել շուրջ 95 միլիոն տոլարի ներդրում՝ 2008ի 65 միլիոնի փոխարէն: Ընկերութիւնը, իր բաժանորդներուն թիւով, գրաւած է բջիջային հեռախօսներու շուկայի 78 տոկոսը:
Ընկերութիւնը ունի 1200 [...]
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Էն.Էս.».- Կովկասի իսլամներու գրասենեակի պետ հաճի Ալլաշուքուր Փաշազատէ Հինգշաբթի, Յունուար 29ին յայտարարեց, թէ «Եունէսքօ»ն պիտի քննէ «հայերու կողմէ Ատրպէյճանի գրաւեալ շրջաններուն մէջ մշակութային ու կրօնական կոթողներու բնաջնջման» հարցը:
Առանց յայտնելու ժողովին թուականը, ան աւելցուց, թէ ժողովին ներկայ պիտի ըլլան իսլամական երեք երկիրներէ (Սէուտական Արաբիա, Յորդանան եւ Ատրպէյճան) ներկայացուցիչներ:
January 29th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱԶՈՒԶԱ.- 1987էն ի վեր Ազուզա հաստատուած իրաւաբան Փօլ Նաքքաշեան որոշած է մասնակցիլ քաղաքի Քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Մարտին: Թեկնածու Նաքքաշեան Ազուզայի քաղաքական կեանքին գործօն անդամներէն մէկն է եւ կը փորձէ դառնալ Քաղաքապետական խորհուրդի առաջին հայ անդամը:
Նաքքաշեան, իր քրոջ՝ Անճելայի հետ, կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ազուզայի քաղաքամէջը զարգացնելու աշխատանքներուն գծով, եւ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Հայոց բանակի հիմնադրման 17 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններն ու ձեռնարկները շարունակուեցան նաեւ երէկ՝ Յունուար 28ին: Այդ օրը նշած են նաեւ երիտասարդները. ուսանողական եւ երիտասարդական խումբեր մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ քաղաքացիներուն բարեմաղթանքներ ուղղած են եւ նուիրած են բանակի օրուան շնորհաւորական բացիկներ:
«Յաղթանակ» կամուրջի վրայ, ի նշան խաղաղութեան՝ երկինք արձակուած են Հայոց եռագոյնը խորհրդանշող կարմիր, կապոյտ եւ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Առաւօտ» թերթը ամփոփ զեկոյցով կը տեղեկագրէ անցեալ Երկուշաբթի երեկոյեան Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնէն Երեւանի հետ համացանցային կապի միջոցաւ տեղի ունեցած տեսաժողովին մասին:
Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս ժողովը կազմակերպուած էր սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Քննարկուած հարցերու շարքին էին ուսուցիչներու պակասը, աշակերտներու հայերէնի իմացութեան մակարդակը, Հայաստանի կրթական հաստատութիւններու հետ համագործակցութեան հեռանկարները, եւ այլ խնդիրներ:
Ռոզ եւ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբէն անդամներ Շաբաթ, Յունուար 24ին հանդիպում մը ունեցան Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Քրիս Հոլտընի հետ, քննելու համար քաղաքին բնակչութիւնը մտահոգող հարցեր:
Հոլտըն, որ գրեթէ երկու տասնամեակէ ի վեր անդամ է Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդին, Մարտ 10ին կայանալիք ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած է: 1997-1999, Հոլտըն հանդիսացած էր Փասատինայի առաջին սեւամորթ քաղաքապետը:
«Գոհ ենք [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը, իր Յունուար 27ին գումարած նիստին, որդեգրեց թիւ 1643 բանաձեւը՝ Հայաստանի կողմէ Վեհաժողովի թիւ. 1609 եւ թիւ 1620 բանաձեւերու կատարման վերաբերեալ: Ստորեւ կը ներկայացնենք ԵԽԽՎի թիւ 1643 բանաձեւի «Նոյեան Տապան» գործակալութեան փոխանցած ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը:
«1. Հայաստանի կողմից Վեհաժողովի 1609 (2008) բանաձեւի (ընդունուել է 2008թ.ի Յունիսի 25ին) կատարման մասին 1620 (2008) [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կիպրոսի կառավարութիւնը Երեքշաբթի, Յունուար 27ին յայտարարեց, թէ որոշած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին ու այլ ատեաններու դիմել՝ թուրք յայտնի դերասան եւ թրքական բանակին մէջ ծառայած Աթիլլա Օլկաչի կողմէ վերջերս կատարուած խոստովանութեան ծալքերը բացայայտելու համար:
Դերասանը ըսած էր, թէ 1974ի թրքական ներխուժումի ընթացքին, տասը կիպրացի յոյն գերիներ սպաննած էր:
Կիպրոսի կառավարութեան համաձայն, ներխուժումէն ետք [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա Երեքշաբթի, Յունուար 27ին հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ յիշելով քանի մը օր առաջ մահացած Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրող Ղազարոս Գատէմեանը:
Ան իր յայտարարութեան մէջ գրած է, թէ «պատմութեան ամենամութ էջերէն» դուրս եկած Գատէմեան միշտ փորձած էր լուսարձակի տակ պահել Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ օրինակ ծառայելով նոր սերունդին:
Քաղաքապետ Վիարայկոսա այս առիթով անգամ մը [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ընթերցողի սեղանին դրուեց մեծն Կոմիտասի «Նամակներ» ժողովածուն, որը լոյս է ընծայել Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հրատարակչութիւնը:
Կոմիտասի գրած նամակների այս ժողովածուն ԳԱԹի 2000ին տպագրած հատորի ճշգրտուած եւ լրացուած վերահրատարակութիւնն է: Հատորում տեղ են գտել նոր նամակներ, ընդարձակուած են ծանօթագրութիւնները: Գրքում ընդգրկուած նամակները լուսաբանում են Կոմիտաս վարդապետի կեանքի եւ գործունէութեան հետաքրքրական էջերը:
Թանգարանի երաժշտական [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փէրինչէք «Էրկէնէքոն»ի դատավարութեան Երկուշաբթի, Յունուար 26ի նիստին, դարձեալ մեղադրանքներ ուղղեց Ամերիկայի հասցէին՝ պնդելով, թէ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած պետական հարուածներուն մասին տեղեկութիւններ տարածողը Ամերիկան է։
««Էրկէնէքոն»ի հարցով ձերբակալուածները ընդհանրապէս այն հայրենասէր անձերն են, որոնք հարց կու տային, թէ այս երկիրը դէպի ո՞ւր կ’երթայ։ Այսպիսի հարցում մը ուղղելը նկատուեցաւ պետական [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ Յունուար 26ի երեկոյեան Պոլսոյ մէջ աւարտեցաւ Կովկասի կայունութեան եւ համագործակցութեան փլաթֆորմի հարցով հանդիպումը, որուն կը մասնակցէին Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Հանդիպման քննարկուած են տարածաշրջանի առկայ հակամարտութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցեր, բայց նկատի առնելով մասնակից երկիրներու տարակարծութիւնները հակամարտութիւններու ծագման մասին՝ քննարկումներուն աւարտին որեւէ որոշում կամ համատեղ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երէկ, Հայոց բանակի օրուան առիթով հազարաւոր մարդիկ այցելեցին Հայաստանի հին Պանթէոն: Սակայն թերեւս հայերը չնշէին Հայոց բանակի օրը (Յունուար 28), եթէ շուրջ մէկ դար առաջ ազգի խումբ մը նուիրեալներ չպայքարէին մեր պետականութեան համար: Անոնցմէ ամենակարկառուն գործիչներէն մէկուն՝ Արամ Մանուկեանի մահուան յիշատակի օրն էր երէկ՝ 28 Յունուարին:
Արամ Մանուկեանի մասին գրուած յօդուածներէն մէկուն մէջ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Հետք» համացանցային լրատու գործակալութեան թղթակից Քրիստինէ Աղալարեան կրցած է հարցացզրոյց մը ունենալ «Միասնական Չաւախք» դեմոկրատական դաշինքի ղեկավար, Թիֆլիսի բանտի մէջ արգելափակուած Վահագն Չախալեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցը.
ՔՐԻՍՏԻՆԷ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ.- Դուք նշել էք, որ ձեր նկատմամբ քաղաքական հալածանքներ են իրականացնում, ըստ ձեզ՝ ձեր գործունէութեան վտանգը յատկապէս ինչում է, որ վրացական իշխանութիւնները հետապնդում են ձեզ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութիւնը հաղորդած է, թէ Ֆրանսայի մօտ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը համացանցային նոր կայք մը տեղադրած է (www.haut-karabagh.com) հասցէով, որ կը պարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մասին ընդհանուր տեղեկութիւն, նորութիւններ՝ ԼՂՀ ընկերա-քաղաքական կեանքի, պատմութեան, տնտեսութեան, մշակութային եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող յօդուածներ, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ՝ ներկայացուցչութեան գործունէութեան եւ Ղարաբաղի մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներուն մասին:
[...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼԻՄՈԺ.- Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքին մէջ Յունուար 23ին մեկնարկեց Հայկական մշակութային միամսեակը:
Մեկնարկը կատարուեցաւ Լիմոժի քաղաքային գրադարանի ընդարձակ սրահին մէջ, «Հայաստան. քրիստոնեայ երկիր Կովկասի մէջ» ցուցահանդէսով, որուն ներկայ էին Լիմուզինի Շրջանային խորհուրդի եւ Լիմոժի Քաղաքային խորհուրդի ղեկավարներ, պատգամաւորներ, քաղաքապետեր եւ տեղական հասարակութեան հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ:
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Լիմոժի երաժշտանոցի պատանի սաներու կատարողութեամբ հնչած Հայաստանի քայլերգով [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԶԻՒՐԻԽ.- Երէկ, Զիւրիխի «Ռատիսըն» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ծիրէն ներս զիւրիխեան հանդիպումը երրորդն է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը սկսած է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար [...]
January 28th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Նոյեան Տապան».- Թրքական լրատուամիջոցներ Յունուար 28ին հաղորդած են, թէ թրքական պատուիրակութիւն մը, Արդարութիւն եւ զարգացում իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Սուաթ Քընըքլըօղլուի գլխաւորութեամբ, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, Քոնկրէսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի մը հաւանական ընդունումը կանխելու նպատակով:
Պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ամերիկեան նոր վարչակազմի անդամներուն, քոնկրէսականներու եւ հրէական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
January 28th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Ըստ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան, Պոլսոյ մէջ անյայտ անձի կամ անձերու կողմէ սպաննուած է ազգութեամբ հայ Հարսթոն Ալակէօզը: Անցորդները, Պոլսոյ Էմինէօնիւ շրջանին մէջ տեսնելով վիրաւոր մարդ մը՝ ոստիկանութեան եւ շտապ օգնութեան հեռաձայնած են: Սակայն դէպքին վայրը ժամանած հիւանդապահները չեն յաջողած փրկել 56ամեայ հայորդիին կեանքը:
Ըստ նախնական տուեալներու, Ալակէօզ մեռած է սրածայր գործիքով մը կրծքավանդակին մէջ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Չէի անդրադարձած, որ մահուան օրէն տասը տարիներ անցած էին։ Հիմա կը յիշեմ, որ Դեկտեմբերի մէջ, ուշ գիշեր մը, հեռաձայնը հնչեց։ Բարեկամս էր, որ ընկեր Հրայրի մահը կը գուժէր։ Գիտէինք, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր զգայազուրկ վիճակի մէջ անկողինին գամուած էր։ Երբեմն կ’ըսէինք, թէ մահը աւելի նախընտրելի էր այս ձեւով ապրելէն։ Սակայն երբ լսեցինք մահուան [...]
January 28th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Էյ.Փի.».- Վերջին քանի մը օրերուն «Քայզըր Փըրմէնէնթէ» առողջապահական սպասարկութեան առնչուող երկու միջադէպեր գրաւեցին տեղական, ինչպէս նաեւ միջազգային լրատուական գործակալութիւններու ուշադրութիւնը:
Արդարեւ, Երկուշաբթի, Յունուար 26ին, «Քայզըր Փըրմէնէնթէ»ի Պելֆլաուրի մէջ գտնուող հիւանդանոցին մէջ 52 հոգինոց բժշկական խումբ մը յաջողութեամբ պսակեց ութնեակի մը ծնունդը, մինչ այդ գործողութենէն գրեթէ 24 ժամ ետք, Ուիլմինկթընի մէջ, Լուփօ ընտանիքին 7 [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Կազայի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան յարձակումին աւարտէն ետք Իսրայէլի մէջ ընտրապայքարը վերաշխուժացած է։ Փետրուար 10ին կայանալիք ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելու ամէնէն բարձր հաւանականութիւնը ունեցող թեկնածուն՝ Պենիամին Նեթանիահու, անմիջապէս գործի լծուեցաւ հերքելու այն վարկածները, թէ իր յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Պարաք Օպամայի հետ տագնապ պիտի նշանակէ։
Նեթանիահու ընդունեց, թէ իր աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութեան ղեկավարութեամբ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Մենք՝ միայն այլեւս յարաբերաբար երիտասարդներս, մեր պարտականութեանց մէջ թերացած ենք: Շատ: Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական գաղութը արդէն վաղուց ենթարկուած է դիմափոխութեան, անոր գոյները փոխուած են, հարստացած՝ որոշ երանգներու մէջ, աղքատացած՝ այլոց: Մեր թերացումը այն գործիչներուն հանդէպ է, որոնք գաղութի կազմաւորման մէջ իրենց կեանքը սպառած են, սակայն վերջին տարիներուն պարտադրաբար, ոմանք տարիքի բերումով, ուրիշներ ընտանեկան կամ անձնական [...]
January 28th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Վերջերս Թեհրանի Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Թեհրանի Հայ կանանց եկեղեցասէր միութեան հիմնադրութեան 80ամեակը:
Յոբելինական հանդիսութեան ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, Իրանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սերկէյ Շահուերդեան, քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցական խորհուրդներու, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Միութեան նախագահ Էմմա Մարտիրոսեանը ներկայացուց միութեան [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան յայտարարեց, որ այս տարի վճռորոշ տարի մը պիտի ըլլայ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ շրջանին համար։ Ան ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը, պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները, Իրաքի, Իրանի եւ Լիբանանի ընտրութիւնները եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարը 2009ին Թուրքիոյ եւ շրջանին համար կարեւորագոյն հարցերը պիտի ըլլան։
Ըստ թրքական [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2009ի գիշերը Ռուս եկեղեցւոյ Սինոտը՝ բաղկացած 700 անձերէ, քուէներու մեծամասնութեամբ պատրիարք ընտրեց Կալինինկրատի մետրոպոլիտ Քիրիլը: Արդարեւ, մետրոպոլիտ Քիրիլ աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր Ռուս եկեղեցւոյ միջեկեղեցական յարաբերութեանց Վարիչն էր: Ան անդամ եղած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց, ինչպէս նաեւ՝ այլ միջեկեղեցական մարմիններու:
Յայտնենք, որ անցնող տասնամեակի ընթացքին [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան Յունուար 28ի հաղորդումով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Խազար Իպրահիմ յայտնած է, որ նշեալ նախարարութիւնը պիտի շարունակէ հետաքննել Հայաստանին 800 միլիոն տոլար արժողութեամբ ռուսական զէնք եւ ճարտարագիտական սարքաւորումներ յանձնելու լուրը:
Ըստ Իպրահիմի, թէեւ Ռուսիա Ատրպէյճանին յղած է իր պաշտօնական հերքումը այդ տեղեկատուութեան գծով, սակայն Պաքու պիտի շարունակէ իր ուշադրութեան կեդրոնը [...]
January 28th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Ընտանիքի, կանանց եւ երեխաներու վարչութեան մասնագէտ Էդուարդ Իսրայէլեան Յունուար 27ին հաղորդած է, թէ Հայաստանի մէջ 2008ին որդեգրուած է 93 երեխայ, իսկ որդեգրող ընտանիքներուն կէսը Հայաստանէն են, միւս կէսը՝ այլ երկիրներէ: Որդեգրուած են տարբեր տարիքի երեխաներ. հայաստանցիներ սովորաբար կ’որդեգրեն փոքր ու մեծ՝ նոյնիսկ 16 տարեկան երեխաներ, իսկ օտարերկրացիներ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Յունուար 27ի երեկոյեան, անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հայաստանէն Թուրքիա եկող եւ փախստականի կեանք ապրող հայաստանցի աշխատաւորներու հարցին։
Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, վարչապետը ըսաւ. «Այս պահուն մեր երկրին մէջ 40 հազար փախստական հայ կայ եւ մենք զանոնք ետ չենք ղրկեր։ Ինչո՞ւ [...]
January 28th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. «Փանորամա».- Բանաստեղծ, գրող եւ հրապարակախօս Ռազմիկ Դաւոյեան Ուրբաթ, Յունուար 23ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին պարզաբանեց, որ իր կազմակերպած ստորագրահաւաքը չի միտիր Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը պաշտօնանկ ընել կամ ուղղուած չէ որեւէ անձի դէմ: «Ստորագրահաւաքն ուղղուած է միայն նրան, որ միութիւնում ժողով անցկացուի, թէ չէ՝ միութիւնում ոչ մի իրադարձութիւն տեղի չի ունենում: Լրատուամիջոցները, [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Նայիրի» Հրատարակութեամբ վերջերս Երեւանում լոյս տեսաւ Ռուզան Առաքելեանի «Հաւատամք» հատորը գեղեցիկ արտաքինով եւ խնամուած տպագրութեամբ։
Բնականաբար, Երեւան այցելութեանս ընթացքում, տարիների բարեկամս՝ Ռուզանը, արժանի մտաւորական եւ այժմ ՀՀ Ազգային Ժողովի անդամ, ինձ մէկ օրինակ նուիրեց ու պատմեց, թէ որքան դժուարութեամբ էր կարելի եղել հաւաքել ժամանակի թերթերում ցրուած եւ դեռեւս իրենց այժմէականութիւնը պահող իր յօդուածները, տնտեսական նկատառումներով [...]
January 28th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Չորեքշաբթի օր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դաշնակցային պահուստը Կեդրոնական դրամատան դերը կատարեց երկրի պետական համակարգին մէջ: Պահուստի պատասխանատուները գրեթէ զեռոյի համահաւասար թողուցին դրամատնային տոկոսները, իբրեւ միջոց մը՝ երկիրը տնտեսական իր ճգնաժամային վիճակէն դուրս բերելու:
Պահուստի պատասխանատուները նաեւ յայտարարեցին, որ պատրաստ են Ամերիկայի երկարաժամկէտ գանձատնային պարտատոմսեր գնելու, եթէ նման քայլ մը օգտակար պիտի նկատուի ճգնաժամը [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Բեմագրութեան «Փօլ» մրցոյթին ժամկէտը Փետրուար 15 է, կը հաղորդէ Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը (ADAA), որ կը յայտնէ, թէ ներկայացուելիք թեմաները պէտք է ըլլան հայկական նիւթերու մասին՝ անգլերէնով: Կարելի է ներկայացնել այլ լեզուով, սակայն՝ անգլերէնի թարգմանուած գործեր:
Մրցանքին մասնակցելու համար պայման չէ, որ հեղինակը հայ ըլլայ: Ամբողջական պայմաններուն համար այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը:
10,000 տոլարի մրցանակը [...]
January 28th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, Յունուար 26ին տեղի ունեցած Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ներկայ չգտնուեցաւ ոճրագործութեամբ ամբաստանուած Օկիւն Սամասթը։ Նիստը անցաւ լարուած մթնոլորտի մը մէջ, երբ սպանութիւնը կազմակերպելու յանցանքով ամբաստանուած գլխաւոր միւս երկու ամբաստանեալները՝ Եասին Հայալ ու Էրհան Թունճէլ, կռուեցան իրարու հետ՝ ապտակ ու բռունցքի հարուածներ հասցնելով իրարու։
Եասին Հայալ ամբաստանուած է ոճիրը կազմակերպողներէն մէկը ըլլալու յանցանքով, [...]
January 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »