Home » February 27th, 2009Entries posted on “February, 2009”
ՔԼՈՎԻՍ, Քալիֆորնիա.- Երկու ամիս անգամ մը, Ֆրեզնոյի կից գտնուղ Քլովիս քաղաքին «Մէյփըլ քրիք» նախակրթարան վարժարանին մէջ տեղի կ’ունենայ մշակութային կրթական երեկոյ մը, որ առիթ կը հանդիսանայ վարժարանին երեխաները ծանօթացնելու շրջանին մէջ ապրող տարբեր ազգերու մշակոյթին ու պատմութեան: Վարժարանի պատասխանատուներ կը յուսան, որ նման ձեռնարկներու ճամբով կարելի կ’ըլլայ համերաշխութիւն եւ փոխադարձ ըմբռնողութիւն սերմանել Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական հովիտի [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի պետական համալսարանի ուսանողութեան հետ հանդիպման ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, անցեալ Հինգշաբթի օր, անդրադառնալով ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացին՝ յայտնած է. «Մենք կողմնակից ենք հարցի խաղաղ կարգաւորմանը, բայց քանի դեռ Ատրպէյճանը յետ չի կանգնում իր ծայրայեղ եւ շատ դէպքերում հիստերիկ քաղաքականութիւնից, ապա շատ դժուար է ակնկալել խաղաղ կարգաւորում»:
Ուսանողի մը այն հարցումին, [...]
February 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 Փետրուարին հրապարակած իր հրամանագիրով, Մայրենի լեզուի օրուան առիթով եւ հայ գաղթօճախներուն մէջ երկարամեայ հայապահպանման գործունէութեան համար նախագահական շնորհակալագիրով պարգեւատրեց պատմագէտ, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Փամպուքեանը։
Նոյն առիթով պարգեւատրուեցան նաեւ Միշիկընի համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Գէորգ Պարտաքճեան, Փարիզի «Մաշտոց» միութեան հիմնադիր-նախագահ, Սորպոնի համալսարանի դասախօս Հիլտա [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հինգշաբթի, Փետրուար 26ին հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ անոր յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայաստան այցելելու հրաւէր մը։ Հանդիպման ընթացքին քննուեցան երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները։
Նալբանդեան Ասատին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան մասին: Քննուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հարցն ու [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՂՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ յարաբերութիններու վարչութիւնը հաղորդեց, թէ կառավարութիւնը Փետրուար 27ին որոշած է կազմակերպել յոբելենական ձեռնարկներ՝ նուիրուած Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արցախի հերոս Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան 50ամեակին: Հանդիսութիւններու կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ կառավարական յանձնախումբ մը՝ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի նախագահութեամբ:
Յիշատակի հանդիսութիւններ պիտի կայանան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերուն, ուսումնական հաստատութիւններու եւ պետական-հասարակական տարբեր կառոյցներու մէջ, իսկ գլխաւոր միջոցառումները տեղի [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահները Հինգշաբթի երեկոյեան ժամանած են Պաքու, ուր հանդիպած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Օդակայանին մէջ ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով յայտարարած է, թէ իրենց սոյն այցելութեան ընթացքին, միջնորդները մտադիր են կողմերուն միջեւ կարգաւորել շրջանակային համաձայնագիրի որոշ կէտեր: Ան հաւանական նկատած է՝ [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 27ին, առեւտուրի նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ 2008ի վերջին եռամսեակին արձանագրուած տնտեսական նահանջը 6.2 առ հարիւր եղած է, ինչ որ վերջին 26 տարիներու ընթացքին մեծագոյն նահանջն է եւ յատկանշականօրէն աւելի է՝ անցեալ ամիս հրապարակուած նախնական տուեալէն (3.8 տոկոս): Տնտեսագէտներ նախատեսած էին 5.4 տոկոսի նահանջ մը:
Նաեւ, Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ «Սիթիկրուփ» որոշած է [...]
February 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ, Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպեցաւ Ռուսիոյ մէջ գործունէութիւն ծաւալող աւելի քան 100 հայազգի գործարարներու:
Վարչապետը հայ գործարարներուն ներկայացուց համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ նշեց, որ կրճատուած են Հայաստանէն արտահանման ծաւալները, յատկապէս հանքարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս, եւ այսօր Հայաստանի մէջ գործող հանքային հինգ մեծ կազմակերպութիւններ [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Փետրուար ամիսը Ամերիկեան բժշկական կազմակերպութեանց կողմէ յայտարարուած է, որպէս սրտի առողջութեան զգօնութեան ամիս: Այս իմաստով սիրոյ եւ զեղուն զգացական արտայայտութիւններու աղբիւրը դարձող սիրտին մասին շատ բան լսեցինք ու կարդացինք: Այս յօդուածով կը ներկայացնենք տուրմը (chocolate) եւ անոր բարեբեր ազդեցութիւնը մեր սրտերուն վրայ:
Անցնող երկու երեք շաբաթներուն գրեթէ բոլորս մեծ քանակութեամբ տուրմ սպառեցինք, Սիրոյ տօնին առթիւ: [...]
February 27th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
Սումկայիթի ջարդերու 21ամեակին առիթով, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կ’ըսուի հետեւեալը.
«1988 թուականի Փետրուարի 26-28ին, Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքում, Պաքուի ղեկավարութեան եւ ԽՄԿԿ քաղբիւրոյի թողտուութեամբ, ատրպեճանական խուժանը կազմակերպեց հայերի զանգուածային կոտորած: Երեք օրերի ընթացքում քաղաքում տասնեակ հայեր սպանուեցին: Զոհերի ստոյգ թիւը մինչեւ այժմ յայտնի չէ: Պաշտօնական աղբիւրները յայտնում են 32 սպանուածների մասին: [...]
February 27th, 2009
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Ականազերծմամբ զբաղող HALO Trust բրիտանական կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը գործէ 2000 թուականէն ի վեր: Կազմակերպութեան Ստեփանակերտի կառոյցի պետ Եուրի Շահրամանեան Փետրուար 26ին «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հաղորդեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքի ականազերծման համար տակաւին անհրաժեշտ է եւս 6 տարի:
«Սկսած 1995 թուականից HALO Trust կազմակերպութիւնը գրանցել է 239 դժբախտ պատահար, որոնց հետեւանքով վնասուել է 316 [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող Չաւախքի յանձնախումբը կազմակերպած է տարեկան իր հինգերորդ նաւապտոյտ-ճաշկերոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի, Մարտ 8ին, «Էլեքթրա» նաւուն վրայ:
Չաւախքի մէջ Հայ օգնութեան միութեան տարած աշխատանքներուն նեցուկ կանգնելու նպատակով, կազմակերպուող սոյն ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «Ֆերահեան»ի տնօրէն Ժան [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Փետրուար 26ի Ազգային ժողովի նիստին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան անդրադարձաւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու հարցին՝ ըսելով. «Քաղաքական համակարգի ուժեղացմանը կարելի է հասնել՝ խորհրդարանում կուսակցութիւնների կարգավիճակը բարձրացնելով»: Ան բարձր գնահատեց կանոնակարգի կատարելագործման ուղղուած ջանքերը, սակայն, միաժամանակ կարծիք յայտնեց, թէ անոնք կ’առնչուին կանոնակարգի գործընթացին միայն. «Արուած փոփոխութիւններում քաղաքական բովանդակութիւնը [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Շրջանի ՀՄԸՄի մարզական կեանքը միշտ ալ եռուն եղած է: Ամէն շաբաթավերջ, մասնաճիւղերը առանց բացառութեան կը մասնակցին ՀՄԸՄի կամ տեղական լիկերու մարզական այս կամ այն մարզաճիւղի մրցումներուն: Երեւոյթ մը, որ մեծապէս գնահատելի է յատկապէս ծնողներուն կողմէ, որոնց զաւակները ակամայ մաքուր միջավայրի մը մաս կը կազմեն: Նման շաբաթավերջ մըն էր նաեւ 14-16 Փետրուարի երկար շաբաթավերջը:
Մինչ Կլէնտէյլի [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Տարին կ’ամբողջանայ Մարտ մէկի տխուր իրադարձութիւններուն եւ դեռ այս հարցի քաղաքական, բարոյական, քրէական թղթածրարը բաց կը մնայ:
Մարտ մէկի դէքպերը ուսումնասիրելու կոչուած խորհրդարանական յանձնաժողովի ընթացող թէ աւարտած դատավարութիւններու, քրէական օրէնսգիրքի բարեփոխութիւններու, զանոնք մարդկային իրաւանց ու քաղաքացիական ազատութիւններու միջազգային չափանիշներուն համապատասխանեցնելու աշխատանքները, բոլորն ալ կիսաւարտ վիճակի հասած են հազիւ՝ կոտտացող վէրքի սպիացումը դժուարացնելով:
Կասկած չկայ, որ [...]
February 27th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Հինգշաբթի օր, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն մասնակցելու հրաւիրուած էին քաղաքի հայերէն լեզուով հրատարակուող մամուլի ներկայացուցիչները:
Հայաստանի նորանշանակ հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ Փետրուարի սկիզբը ժամանած էր Լոս Անճելըս, այս կարճ ժամանակամիջոցին յաջողած էր ծանօթացման առաջին հանդիպումները ունենալ համայնքի հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային ու բարեգործական գլխաւոր միութիւններու [...]
February 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Փետրուար 27ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին, ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան անդրադարձաւ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան վերջերս հրապարակած մարդու իրաւունքներու զեկոյցին, մանաւանդ Հայաստանին վերաբերող բաժինին, ուր նշուած է, թէ՝ «Հայաստանի իշխանութիւնները սպանութիւններու գնով ցրած են քաղաքական ցոյցերը, հետապնդած են քաղաքական ընդդիմախօսներ, իսկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնն ու ոստիկանութիւնը մնացած են անպատիժ»:
Ոստիկանապետը յայտնեց. «Ես չեմ կիսում այդ որակումների [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ.- Ուրբաթ, Փետրուար 27ին Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքի համերգասրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ համերգի երեկոյ մը՝ Թեսաղոնիկէի պետական նուագախումբի յոբելենական 50ամեայ տարեդարձը նշելու համար:
Այս առիթով կազմակերպուած համերգին ելոյթ պիտի ունենան հայազգի տաղանդաւոր արուեստագէտներ՝ Նուարդ Ղալիլէա (սրինգ) եւ Խրիսթոս Ղալիլէաս (ջութակ):
Համերգին պիտի ներկայացուին միջազգային համբաւ ունեցող զանազան արուեստագէտներու յօրինումներէն հատուածներ:
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Խմբապետական կազմին, Կիրակի, 22 Փետրուար 2009ին, երեկոյեան ժամը 6։00ին, Պէյրութի «Եունէսքօ»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ սկաուտի օր՝ ներկայութեամբ Լիբանանի սկաուտական դաշնակցութեան (ֆետերասիոնի) նախագահին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ՀՄԸՄականներու եւ [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Յամենայն տեղ, ուր հայ մարդը կարիքի մէջ է, Հայ օգնութեան միութիւնը կը գտնէ ճանապարհը հասնելու իրեն ու փորձելու մեղմացնել անոր ծանր վիճակը:
Նոյն այս առաքելութիւնն է, կ’ըսէ Լենա Պոզոյեան, որ մղեց Հայ օգնութեան միութեան պատասխանատուները 2001ին յառաջացնելու Չաւախքի յանձնախումբ մը, որուն առաքելութիւնը յստակօրէն ձեւակերպուած է՝ կանգնեցնել արտագաղթը այդ տարածքներէն:
Արտագաղթը կանգնեցնելու ամէնէն ազդու միջոցը շրջանի [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հակառակ այն իրողութեան, որ Երեւանի քաղաքապետարանը մերժած է ընդդիմութեան դիմումը, որ կը վերաբերի Մատենադարանին յարող տարածքին վրայ Մարտ մէկին հանրահաւաք ունենալուն, Հայ ազգային քոնկրէսի ղեկավարներէն Լեւոն Զուրաբեան յայտարարած է, թէ իրենք որոշած են անպայման հանրահաւաքը կայացնել Մատենադարանին առջեւ, եւ խորհուրդ տուած է ոստիկանութեան՝ չխոչընդոտելու:
Հանրահաւաքը ծրագրուած է կէսօրէ ետք ժամը երեքին: Աւարտէն ետք, ընդդիմադիրները [...]
February 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մարդկային իրաւանց տարեկան տեղեկագրին մէջ նշուած է, թէ Թուրքիոյ մէջ արտայայտուելու եւ մամուլի ազատութեան սահմանափակումները կը շարունակուին: «Թուրքիոյ կառավարութիւնը մերթ կը սահմանափակէ խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը: Կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ խստօրէն կը քննադատեն մամուլը եւ որոշ կրօնքներու հետեւորդներ քաղաքական ճնշումներու կ’ենթարկուին: Բազմաթիւ գրողներ, լրագրողներ եւ քաղաքական գործիչներ յոգնած են [...]
February 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Out Of The Cage»ը դիտելէ ետք, Վարդգէս Տէլլալեան խորագիրին մէջ նշուած հարցումին պատասխանելով՝ հետեւեալը գրած է.
«Պարզապէս՝
Երգիծական չափանիշ
Իւրայատուկ
Հոյակապ
Խենթանալիք
Գերազանց
Դաստիարկչական
Անմրցելի
Թանկարժէք
Սրամիտ
Բուժիչ
Նախանցելի
Օրինակելի
Գնահատելի
Երեւակայական
Կախարդական
Ճարտար
Համոզիչ
Հաղորդական:
Նորանոր յաջողութիւններ Վահէ Պէրպէրեանին եւ անոր խումբին:
Պրաւօ՛, Ապրէք եւ շարունակէք»:
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՔԷՄՓ ԼԸԺԻՒՆ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 27ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ Իրաքէն ամերիկեան զինեալ ուժերու նահանջը պիտի ամբողջանայ մինչեւ Օգոստոս 31, 2010: Ան յայտնեց, թէ յառաջիկայ 18 ամիսներուն մօտաւորապէս 100,000 ամերիկացի զինուորներ պիտի հեռանան Իրաքէն, սակայն հոն կրնան մնալ 35,000էն 50,000 զինուորներ, որոնք այնուհետեւ զինեալ գործողութեանց պիտի չմասնակցին, այլ իրաքեան բանակը պիտի մարզեն [...]
February 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Խոջալուի ազատագրումը ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ ռազմավարական իմաստով իր մարդասիրական նորմերով համապատասխանել է գործող բոլոր չափանիշներին», յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Փետրուար 26ին Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռէն սփռուած եւ Խոջալուի գործողութեան նուիրուած հաղորդումին ընթացքին:
«Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան բնակչութիւնը սեփական գոյատեւման գործողութիւններ է մշակել եւ իրականացրել, իսկ Ատրպէյճանը պատասխանել է լայնածաւալ եւ լայնամասշտաբ յարձակողական [...]
February 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Փետրուար 27ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ի շարս այլ հարցերու, ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան խոստացած է, որ յաջորդ ասուլիսին, ոստիկանութեան պետի տեղակալ Գէւորգ Մհերեանի սպանութեան առնչութեամբ լրագրողներուն յստակ պատասխաններ պիտի տրուին, «քանի որ շատ շուտով վարկածների շրջանակը կը նեղանայ», ըսած է Սարգսեան եւ յիշեցուցած, թէ այժմ մանրամասն ուսումնասիրութեան տակ կը գտնուին չորս հիմնական վարկածներ: «Ամենայն ըմբռնումով [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Սնունդը ունի մեծ ազդեցութիւն մարդու ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր կեանքին վրայ։ Տարբեր-տարբեր առողջապահական, սննդագիտական եւ բժշկական հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ անձնաւորութիւներ լուրջ ուսումնասիրութիւններով կու գան ներկայացնելու մարդու առողջութեան նպաստող յատուկ սննդականոններ, գիտելիքներ եւ թելադրութիւններ։ Բոլորին առանցքն է մարդ արարածին առողջութիւնն ու երկարակեցութիւնը։
Առողջ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ մարմնի, մտքի եւ հոգիի ներդաշնակ գործունէութիւն, այլ խօսքով՝ ողջ մնալ, [...]
February 27th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Փետրուար 20-22ին հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Արիզոնայի ծուխին՝ դիմաւորուելով ծուխի հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեանի եւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Ժիրայր սրկ. Աւագեանի կողմէ:
Ուրբաթ, Փետրուար 20ին, սրբազան հայրը հանդիպումներ ունեցաւ Թէմփի քաղաքին քաղաքապետին Հիւ Հէլմընի եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Օննիկ Շէքէրճեանի, քոնկրէսական Ճան Շատէկի գրասենեակի տնօրէնին՝ Ճէյմզ Էշլիի ու Արիզոնայի [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Անհեթեթ չի թուի ո՛չ ոքի, թէ ես չե՛մ տրտմիր լիբանանահայ յայտնի մանկավարժ Գրիգոր Շահինեանի մահուան համար, երկու հիմնական պատճառներով.
Կասկած չկայ, որ մահը տխուր երեւոյթ մըն է, երբ վերջնականապէս հրաժեշտ կը տրուի հարազատի մը, բարեկամի մը, ծանօթի մը: Սակայն այդ տխրութիւնը, որ մահուան հետեւանքով կը պատէ մարդուն ներաշխարհը, իր կեանքը կնքող մահկանացուին արժանիքներուն համապատասխան մխիթարութիւն [...]
February 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Փետրուար 27ին հիւրընկալեց Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրուդի անդամներ: Հանդիպման, նախագահը նշեց, թէ Հայաստանի պետականութեան համար Հայ առաքելական եկեղեցին ամենափորձառու եւ ազդեցիկ դաշնակիցն է:
Անդրադարձ եղաւ Վիրահայոց թեմին առջեւ ծառացած խնդիրներուն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ այլակրօն եւ դաւանափոխ հայերու շրջագիծէն ներս հայ ինքնութեան լիարժէք արմատաւորման, նաեւ տարբեր [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Կիրակի, Յունուար 25ի երեկոյեան, Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ.Գ.Խաչի «Սեւան» մասնաճիւղի աւանդական գաթայի հաւաքոյթ: Ներկայ էին արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան, Ազգային վարչութեան, Թաղային մարմինի ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:
ՀԳԽի ատենապետուհի Մաննիկ Աշրեան, փոխանցելէ ետք վարչութեան բարեմաղթութիւնները եւ ողջոյնի խօսքը, անդրադարձաւ անցեալին հռոմէացիներու «Saturnus» ու յոյներու «Քրոնոս» չաստուածներու [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Իրանի Իսլամական խորհրդարանի պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեան, շարունակելով շրջանի հայութեան եւ կազմակերպութիւններու հետ իր հանդիպումները՝ Երկուշաբթի, 23 Փետրուար 2009ի երեկոյեան այցելեց ՀՄԸՄ Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնը եւ մօտէն ծանօթացաւ մասնաճիւղի տարած ազգանպաստ գործունէութեան: Պատգամաւորին կ’ընկերակցէր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի անդամ Յարութ Մանուկեան: Պատգամաւորը դիմաւորելու եկած էին Շրջ. վարչութեան անդամներ Մարօ Քէշիշեան եւ Խաչիկ Խալաթեան:
Հիւր [...]
February 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յառաջիկայ Երկուշաբթի օր, երեկոյեան ժամը եօթին սկիզբ պիտի առնէ «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի նոր եթերաշրջանը:
«Հորիզոն»ի տնօրէն Հէրի Որբերեան, ներկայացնելով նոր եթերաշրջանի ծրագիրները՝ յայտնեց, թէ անոնք պիտի տարբերին նախկիններէն, պիտի ունենան առաւելապէս տեղեկատուական եւ վերլուծական բնոյթ:
«180 րոպէ» ծրագիրը պիտի ընդգրկէ երեք հատ մէկ ժամնոց հատուածներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի բաղկանայ չորս բաժիններէ:
Ամէն օր, [...]
February 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի Սպայի տան մէջ Փետրուար 27ին հանդիպում ունեցած է Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ, եւ կրկին անդրադարձած է կաշառակերութեան խնդիրին՝ ինչպէս պետական համալսարանին մէջ, այնպէս ալ հանրապետութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ:
«Պէտք է խօսենք ճշմարտութեան լեզուով: Եթէ այսօր չխօսենք այն խնդիրների մասին, որոնք խոչընդոտում են մեր պետութեան զարգացմանը, ապա հետագայում ունենալու ենք [...]
February 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 26ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը հրապարակեց Հոկտեմբեր 1ին սկսող տարեշրջանին ամավարկը, որ նկատի ունի 3550 միլիառ տոլարնոց ծախսեր եւ 1171 միլիառ տոլարի բաց մը: Սեպտեմբեր 30ին աւարտող տարեշրջանին բացը 1750 միլիառ տոլար պիտի ըլլայ, եթէ անոր մէջ նկատի առնուի նաեւ 250 միլիառ տոլարնոց յաւելեալ գումար, որ, ի հարկին, պիտի գործածուի վտանգուած դրամատուներուն [...]
February 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ղարաբաղի մէջ արդէն իսկ սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի, Շուշիի ազատագրման 17րդ տարեդարձի եւ Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւններուն կապակցութեամբ: Փետրուար 25ի կառավարութեան նիստին ընթացքին վաւերացուեցաւ ձեռնարկներու ծրագիրը եւ յայտարարուեցաւ ծրագրի համակարգման յանձնախումբին կազմը, զոր պիտի գլխաւորէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանը:
Ձեռնարկները պիտի սկսին Մայիս 5ին. տեղի պիտի ունենան տօնական բազմաբնոյթ միջոցառումներ՝ հանրապետութեան [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխան Ճանան Արըթման Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւին առաջին օրերուն յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ այս արշաւին չընդդիմանար, որովհետեւ անոր մայրը հայկական ծագում ունի։ Նախագահ Կիւլ այս ակնարկութենէն ետք, մէկ լիրայի խորհրդանշական վնասուց հատուցում պահանջելով՝ դատ բացած էր Արըթմանի [...]
February 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- ՄԱԿի նորագոյն տուեալներուն համաձայն, աշխարհի տարածքին խօսուող մօտաւորապէս 6900 լեզուներէն 2500ը կը դիմագրաւէ անհետացման վտանգ: «Եունէսքօ»ի կողմէ 2001ին կատարուած նման ուսումնասիրութեան մը համաձայն, անհետացման վտանգ կը դիմագրաւէին 900 լեզուներ:
Նոր ուսումնասիրութեան համաձայն, տակաւին ողջ են 199 լեզուներ, որոնք կը խօսուին նուազ քան երկվեցեակ քաղաքացիներու կողմէ, որոնցմէ մէկն է Ուքրանիոյ մէկ շրջանին մէջ գործածուող [...]
February 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Անգարա այցելող Միջին Արեւելքի հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճորճ Միչըլ Հինգշաբթի, Փետրուար 26ին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ հանդիպման ընթացքին յոյս յայտնած է, թէ Թուրքիա կ’աջակցի շրջանի տագնապները լուծելու ամերիկեան եւ միջազգային ջանքերուն:
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին Կիւլ յայտնած է, թէ նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրութեամբ, «աշխարհի [...]
February 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱՐՍԷՅ, «Ազդակ».- Շաբաթ, 21 Փետրուար 2009ին, Մարսէյի ճեմարանը ապրեցաւ իւրայատուկ օր մը, ներկայութեամբ աւելի քան 100 ներկաներու, որոնց շարքին էին՝ նուիրատուներ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան երեք անդամներ, Համազգայինի Վալանսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչականներ, Փարիզէն այս առիթով ժամանած համազգայնականներ, Փարիզի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ճեմարանի տնօրէն Սեդա Պիպերեան, խնամակալութեան բոլոր [...]
February 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ճատրակի 2007 եւ 2008 տարիներու Լիբանանի ախոյեանութիւններու մրցանակաբաշխութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 21 Փետրուար 2009ի երեկոյեան, Լիբանանի Արաբական համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական օր մը, երբ ՀՄԸՄի երիտասարդ, պատանի եւ կրտսեր վարպետները ապահովեցին անհատական, խմբային եւ դպրոցական 24 տիտղոսներ։ Երկրի քաղաքական ծանօթ վերիվայրումներուն հետեւանքով մէկէ աւելի անգամ յետաձգուած 2007 տարուան տիտղոսակիրներու պարգեւատրումը, այսպիսով, [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Հովանաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Հ.Մ. «Սիփան» միութեան, վերջերս Հայ ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ բազմավաստակ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Տիգրան Սուքիասեանի գործունէութեան 50ամեայ յոբելենականին նուիրուած ձեռնարկ:
«Սիփան» միութեան վարչութեան եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի խօսքերէն ետք, խօսք առաւ նաեւ Լիդա Պէրպէրեանը՝ ներկայացնելով յոբելեարին կենսագրութիւնն ու երաժշտական գործունէութիւնը: Նոյն [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՄՈՆԹԵՊԷԼԼՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս Լոս Անճելըս գաւառի Արժեւորման վճռաբեկ յանձնախումբին անդամ նշանակուած Ճէք Հաճինեան երդման արարողութիւնը կատարելով՝ ստանձնած է իր պաշտօնը:
Հաճինեան, որ երկարամեայ եւ գործօն անդամ մըն է Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին, շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Կլորիա Մոլինային, որ զինք այս պաշտօնին նշանակած էր:
[...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Համաշխարհային դրամատնտեսական ճգնաժամին հետեւանքով, նուազած է զբօսաշրջիկներուն թիւը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Եգիպտոսի մէջ 30 տոկոսով նուազած է այցելուներուն թիւը, իսկ Հայաստանի զբօսաշրջութեան պատասխանատուներն ու կազմակերպողները Փետրուար 20ին նշեցին, թէ զբօսաշրջութիւնը ժխտական մեծ ազդեցութիւն կրած է անցեալ ամիսներուն:
Հայաստանի ներգնայ զբօսաշրջութեան միութեան նախագահ փրոֆ. Ռոպերթ Մինասեան յայտնեց, թէ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Հայաստանի կազմակերպուած [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Երեքշաբթի, 17 Փետրուարին, Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանի Փալմ փողոցի վրայ գտնուող շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ «Վարդանանց շաբաթ»ի առաջին հանդիսութիւնը։ Այդ առաւօտ բեմը տրամադրուած էր Նախադպրոցական բաժնի փոքրիկներուն։ Բաժնի վարիչ տոքթ. Մէրի Իսկիկեանի բացման խօսքէն ետք, բեմը տրամադրուեցաւ երեք տարեկաններու խումբի մանուկներուն, որոնք Վարդանանցի տարազներով, իրենց ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ, գեղեցիկ երգերու շարքով մը ուրախացուցին ներկաները։ Ապա բեմ [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ կայացաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստ մը՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախագահութեամբ:
Վարչապետը, նախքան կառավարութեան նիստին մասնակցիլը, հանդիպած էր վերահսկիչ պալատի նախագահին ու անոր հետ քննարկած էր պետական ամավարկի կատարման արդիւնաւէտութեան խնդիրները, զորս ան յանձնեց կառավարութեան անդամներու ուշադրութեան:
Վերահսկիչ պալատը անցեալ տարի ուսումնասիրած էր պետական ամավարկի ծախսերու արդիւնաւէտութիւնը: Վարչապետը կ’ուզէ օգտուիլ այդ ուսումնասիրութենէն, եւ [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- Ատրպեճանական Սումգայիթ քաղաքի մէջ 1988ի Փետրուարի վերջին օրերուն տեղի ունեցած հայերու սպանդի 21րդ տարելիցի առիթով, «Փախստականները եւ միջազգային Իրաւունքը» քաղաքացիական հասարակութիւնը, իր կայքէջին վրայ հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
1988թ. ի վեր ամէն տարի Փետրուարի վերջին ողջ հայութիւնը յիշում է ատրպեճանական Սումգայիթ քաղաքում խաղաղ հայ բնակիչների հանդէպ Ատրպէյճանի իշխանութիւնների եւ քրէական տարրերի կողմից [...]
February 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Այո՛, վերստին երեսփոխանական ընտրութիւններու սեմին կը գտնուինք։ Անգամ մը եւս այստեղ ու այնտեղ ահազանգեր կը հնչեն։ Սեւն ու ճերմակը միաձուլելու փորձեր կը կատարուին՝ «ըստ աւանդութեան»։ Նորէն մարդիկ սկսած են «Պապէն աւելի պապական ըլլալ»։ Պատմութիւնը կը կրկնուի, բայց պատմութենէն հարկ է դասեր քաղել՝ չկրկնելու համար միեւնոյն սխալները, որպէսզի երեւան չգան նոր յուսախաբութիւններ եւ յուսալքումներ։
Պահ մը [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հինգշաբթի, Փետրուար 19ին, Ս. Վարդանանց զօրավարաց տօնին առթիւ, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, հանդիսաւոր ժամերգութիւն կատարուեցաւ Ս. Վարդանանց զօրավարաց նահատակութեան յիշատակին։ Քարոզեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը։
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6։30ին, նախագահութեամբ առաջնորդին ու մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն, Էնսինոյի [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հինգշաբթի, Փետրուար 19ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Պըրպէնքի հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ, Ս. պատարագ մատոյց Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան եւ քարոզեց դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան:
Պատարագի վերջաւորութեան, Վաչէ արք. Յովսէփեանի հանդիսապետութեամբ, միաբերան երգուեցաւ Վարդանանցի «Նորահրաշ» շարականը: Հաւատացեալներ հոգեպէս մխիթարուած եւ վերանորոգուած հաւատքով մեկնեցան իրենց բնակարանները:
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մամլոյ վարչութիւնը Փետրուար 26ին հաղորդեց, թէ Մարտ 1ին, Ս. պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Մայր աթոռի միաբանութեան, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն՝ 2008ի Մարտ 1ի զոհերու հոգիներուն հանգստութեան համար:
February 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ գերագոյն երկու ղեկավարները հրճուած էին անցեալ շաբաթ, որովհետեւ նախագահ Օպաման հեռաձայնած էր իրենց։ Նախագահ Կիւլ եւ վարչապետ Էրտողան ճաճանչող եզրեր գործածեցին՝ նկարագրելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ իրենց խօսակցութիւնը։
Այսպիսի ժամանակ մը, երբ Թուրքիա քաղաքական որոշ նահանջներ կ’արձանագրէ՝ Կազայի տագնապին մէջ «Համաս»ի կողմնակցելով, Իսրայէլի եւ ամերիկացի հրեաներուն հակառակելով, Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ իր ինքնակոչ [...]
February 26th, 2009
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Չորեքշաբթի առաւօտ Մոնթեպէլլոյի «Մեսրոպեան» վարժարանի աշակերտները այցելեցին «Հորիզոն»-«Ասպարէզ» հաստատութիւն:
«Ֆերահեան»ի աշակերտները այս տարեշրջանի առաջին այցելուներն էին: Անոնցմէ ետք եկան «Շամլեան»ցիները:
Երկրորդական բարձր դասարանի թէ միջնակարգ ութերորդ դասարանի աշակերտներ, երկու տարիքային խումբերու պարագային ալ, անկախ իրենց համրանքէն («Շամլեան»ը բաւական մեծ բանակով եկած էր), իրենց քաղցր չարութեամբ, իրենց զգաստացնող ձանձրոյթով, իրենց անհանգիստ ու պրպտող հետաքրքրութեամբ, իրենց ծիծաղով [...]
February 26th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան 2008ի զեկոյցին մէջ (հրապարակուած՝ Փետրուար 26ին) նշուած է, թէ 2008ի ընթացքին Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը էապէս վատթարացում արձանագրած է, իշխանութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները մարդու իրաւունքներու բազմաթիւ ոտնահարումներ կատարած են, յատկապէս նախագահական ընտրութիւններու եւ անոնց յաջորդած ցոյցերու ընթացքին:
«Իշխանութիւնները քաղաքացիներուն թոյլ չեն տուած գործադրել կառավարութիւնը ազատօրէն փոխելու իրենց [...]
February 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
IBF/IBO վարկածներով թեթեւագոյն կշիռքի աշխարհի ախոյեան Նոնիթօ Տոնըր եւ Պրայըն Վիլորիա խոստացած են Մարտ 22ին իրարու հետ հանդիպելով՝ իսկական հրավառութիւն մատուցել մարզասէրներուն:
Տոնըր յայտարարած է, թէ այդ մենամարտը պիտի դառնայ այս ծանրութեան կարգի իր վերջին մարտը, որովհետեւ ան մտադիր է տեղափոխուիլ առաջին կամ թեթեւ կարգ, ու հանդիպիլ Վախթանգ Դարչինեանի կամ Ֆեռնանտօ Մոնթելի հետ: Այս առթիւ, [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Վալերի Պրիւսովի անուան պետական լեզուաբանական համալսարանի մէջ Փետրուար 25ին բացուած է Չինաստանի «Շանսի» համալսարանի «Քոնֆուցիուս» հիմնարկը, որուն գործունէութեան նպատակն է չինական մշակոյթն ու լեզուն զարգացած սարքաւորումներով ճանաչելի դարձնել նաեւ Հայաստանի ուսանողութեան, ինչպէս նաեւ ոեւէ քաղաքացիի՝ սկսած 9 տարեկանէն մինչեւ մեծահասակներ:
Հիմնարկի գործունէութեան առնչութեամբ պայմանագիր կնքուած էր Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Սուրէն Զոլեանի [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մարտ 29ին կայանալիք Թուրքիոյ տեղական մարմիններու ընտրութիւններու շրջագծով, Պոլսոյ կղզիներու ընդհանուր խորհուրդի անկախ թեկնածուներէն մէկն է Աւետիս-Գէորգ Հիլքաթը։ Ան 21 Փետրուարին կղզի այցելելով՝ Գնալը կղզիի շուկայի վաճառատուներու ապակիներուն վրայ, այլ թեկնածուներու նկարներու կողքին, կանոնաւորաբար իր նկարները եւս փակցուցած է: Սակայն յաջորդ օրը, ան տեսած է, որ միայն իր լուսանկարները վերցուած են ապակիներուն վրայէն, [...]
February 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ախալցխայի շրջանային դատարանին մէջ, Փետրուար 26ին նշանակուած էր «Միասնական Չաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի դատավարութիւնը, որ այնուամենայնիւ, տեղի չունեցաւ՝ կրկին նոյն պատճառաբանութեան համար: Վ. Չախալեան Թիֆլիսէն Ախալցխա չեն կրցած տեղափոխել վառելանիւթ չունենալու պատճառով: Յաջորդ դատավարութեան թուականը տակաւին յայտնի չէ:
Յիշեցնենք, որ Չախալեաններու դատին մէջ ընդգրկուելու հայցով Ֆրանսահայ փաստաբան Փաթրիք Արապեան դիմած էր Վրաստանի արդարադատութեան [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտական Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան պետ Ահմէտ Թիւրքի կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտերէնով կատարուած ճառախօսութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ։ Թրքական մամուլը Հինգշաբթի, Փետրուար 26ին գրած է, թէ թուրք ունկնդիրներուն կողքին, նաեւ մեծ թիւով քիւրտ երեսփոխաններ չեն հասկցած քրտերէն խօսակցութիւնը, որովհետեւ անոնք առօրեայ գործածական ընթացիկ քանի մը բառերէ դուրս քրտերէն չէին [...]
February 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Շարունակելով Խոջալուի հարցով Պաքուէն համակարգուած բողոքի ապատեղեկատուական հաւաքները՝ նուազ քան 30 ատրպէյճանցիներ մասնակցած են Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը, որուն ընթացքին պահանջած են Հայաստանի իշխանութիւններէն, որ ներողութիւն խնդրեն «Խոջալուի ցեղասպանութեան» համար եւ հայկական ուժերը հեռացնեն «բռնագրաւեալ տարածքներէն»:
Միւս կողմէ, Խոջալուի հարցով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ նիստին [...]
February 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Դանիէլեան Փետրուար 25ին յայտարարեց, թէ Երեւանի նախկին Երիտասարդական պալատին տեղը կը նախատեսուի կառուցել 28 յարկանի հիւրանոց մը, որ պիտի դառնայ Երեւանի ամենաբարձր հիւրանոցը: Ինչ կը վերաբերի նոյն տարածքին վրայ ընդհանուր համալիրի մը կառուցման, Ս. Դանիէլեան նշեց, որ տակաւին անորոշ հարցեր գոյութիւն ունին. ներկայիս կատարուած է տարածքին ուսումնասիրութիւնը, ճշդուած է [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը հետեւեալ գրութիւնը հրատարակած է բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեանի մասին, որուն մահուան գոյժը տուած էինք երէկուան մեր թիւով:
Անխուսափելի էր։ Շաբաթներէ, չըսելու համար ամիսներէ ի վեր գիտէինք։ Բայց միշտ յոյս մը կար։ Տժգոյն, փոքրիկ յոյս մը։ Ան որ կ’ապրեցնէ ողջերը։ Այդ յոյսն ալ մարեցաւ 24 Փետրուարին, Երեքշաբթի իրիկուն, երբ ժամը 19:00ին մեր սիրելի Զուլալը [...]
February 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը (ՀՑԹՀ) Փետրուար 26ին հաղորդած է, թէ այս տարի կ’աւարտի «Հոգիներու աճուրդ» ֆիլմի («Յօշոտուած Հայաստան» յուշերու գիրքին նկարահանումի) 90ամեակը, եւ այդ առթիւ, թանգարան-հիմնարկը հրապարակած է յոբելենական բացիկ մը եւ կազմակերպած է համացանցային ցուցադրութիւն՝ թանգարանի պաշտօնական կայքէջով: Հիմնարկը յայտնած է նաեւ, որ իր արխիւներուն մէջ պահպանուած է ֆիլմէն ընդամէնը 20 վայրկեաննոց հատուածի [...]
February 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Շէնգաւիթ համայնքի Առաջին ատեանի դատարանին մէջ շարունակուած է Մարտ մէկի իարադարձութիւններու հետ առնչուող «եօթ»ի դատավարութիւնը: Մեղադրեալները մտած են դատական դահլիճ եւ ինչպէս նախորդ օրերուն, մերժած են նստիլ: Անցեալին, դատաւորը նման պարագաներու, դատը յետաձգելու որոշում առած էր: Սակայն այս անգամ, դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան որոշած է այդ ձեւով շարունակել դատավարութիւնը եւ սկսած է քննարկել փաստաբան [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ յառաջիկայ 7 Յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները ՀՅԴի համար չեն ներկայացներ առիթ մը, որմէ պէտք է օգտուիլ։ «Մեզի համար ընտրութիւնները եւ քաղաքական կեանքին մասնակցութիւնը երկրին ծառայութիւն է», ըսաւ ան։
Ակնարկելով Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Շիրակի մարզպետարանի քաղաքաշինութեան վարչութեան պետ Ալպերթ Մարգարեան Փետրուար 25ին յայտնեց, թէ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, Գիւմրիի Մուշ 2 եւ Անի թաղամասերուն մէջ կը գործադրուի բնակարանային շինարարութեան լայնածաւալ ծրագիր, որուն նախապատրաստական աշխատանքները կատարուեցան ձմրան: Ծրագիրին համաձայն, մինչեւ տարեվերջ պիտի կառուցուի մօտ 1200 բնակարան, իսկ ամբողջ ծրագիրի ընթացքին, որ պիտի աւարտի 2010ին, բնակարանով պիտի ապահովուի շուրջ [...]
February 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թոփգաբուի «Լեւոն Վարդուհեան» վարժարանէն ներս մեծ ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Բարեկենդանը։ Ը. դասարանի աշակերտները այս առիթով պատրաստած էին յատուկ յայտագիր մը, որ մեծ յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ։ Օրուան խօսնակներն էին Ը. դասարանէն Նատին Եըլմազ եւ Առէն Գարափէքմէզ։
Ծնողաց միութեան կողմէ սարքուած էր նաեւ ճոխ սեղան մը՝ զարդարուած հայկական աւանդական ճաշատեսակներով։ Աշակերտները կատարեցին ասմունքներ ու բարեկենդանի յատուկ թատերախաղեր։
Տօնին [...]
February 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելէն ետք Քոնկէրէսի լիագումար նիստին առջեւ ունեցած իր առաջին ելոյթին ընթացքին, Պարաք Օպամա Երեքշաբթի, Փետրուար 24ի երեկոյեան վստահեցուց ժողովուրդին, թէ միջոցներ կան դուրս գալու տնտեսական ներկայ ճգնաժամէն՝ խոստանալով կացութիւնը բարեփոխել ամենաարագ ժամանակին:
Շեշտելով, թէ ներկայիս կառավարութիւնը պիտի պարտադրուի եւս միլիառաւոր տոլարներ ծախսել, փրկելու համար երկրին դրամատնային մարզը եւ օժանդակութեան ձեռք [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 25ին, Հոլանտայի մայրաքաղաքին գլխաւոր օդակայանին մէջ վայրէջք կատարել փորձող թրքական «Թըրքիշ էրլանզ» ընկերութեան օդաչու մը զայն իջեցուց օդակայանին կից գտնուող ցեխոտ դաշտի մը մէջ, որուն հետեւանքով «Պոյինկ 737-800» տիպի օդանաւը երեք մասի բաժնուեցաւ, մահացաւ առնուազն 9 հոգի եւ վիրաւորուեցան 50 ուրիշներ, որոնց մէկ մասը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի: Օդանաւին մէջ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Արիւնլուայ եւ ուշակորոյս վիճակի մէջ Փետրուար 18ին «Նայիրի» բժշկական կեդրոն փոխադրուած Ներսէս Արք. Պոզապալեան կը շարունակէ մնալ ծանր վիճակի մէջ, սակայն Փետրուար 25ի վերջին տեղեկութեան համաձայն, անոր առողջական վիճակը կայուն է:
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբան Պոզապալեան սրբազանը Փետրուար 17ի լոյս 18ի գիշերը զոհ գացած էր բիրտ յարձակումի մը՝ Էջմիածինի իր բնակարանին մէջ, ուր նաեւ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԸՐՊԷՆՔ.- Պըրպէնքի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց թեկնածու Կարէն Եղբայրեանի ընտրապայքարի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Փետրուար 24ին տեղի ունեցած նախնական արդիւնքներուն համաձայն, Եղբայրեան յաջողած է անցնիլ ընտրութեանց յաջորդ հանգրուանը:
Եղբայրեան 1989 քուէները (18.2 տոկոս) ապահովելով՝ վեցերորդ դիրքը գրաւեց 13 թեկնածուներու մէջ: Ամենամեծ թիւով քուէները ապահովեցին ներկայիս քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Տէյվ Կոլոնսքի (44.6 տոկոս) եւ Տէյվիտ Կորտըն [...]
February 25th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Չաւախք» հայրենակցական միութիւնը, «Երկիր» միութիւնը, «Միտք» վերլուծական կեդրոնը եւ շարք մը հասարակական այլ կազմակերպութիւններ, երէկ՝ 25 Փետրուարին, Երեւանի մէջ Վրաստանի դեսպանատան մօտ կատարեցին բողոքի ցոյց մը՝ Չաւախքի մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Չաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեանի խօսքով, ցոյցին նպատակն է Վրաստանի իշխանութիւններուն փոխանցել ջաւախքահայութեան պահանջները [...]
February 25th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երէկ՝ 25 Փետրուարին կայացաւ պետական եւ քաղաքական գործիչ Վազգէն Սարգսեանի 50ամեակի նշումը նախապատրաստող յոբելինական յանձնաժողովին նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
Ընթացքին քննարկուեցան այն բազմաբնոյթ միջոցառումները, որոնք պիտի իրականանան Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան օրուան նախորդող շաբաթուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ Մարտ 5ին՝ անոր ծննդեան օրը ու անկէ ետք, ամբողջ տարուան ընթացքին:
Միջոցառումներ պիտի կայանան [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Երեւանի մէջ Երէկ՝ Չորեքշաբթի օր, մեկնարկեցին հայ-գերմանական միջկառավարական երկօրեայ խորհրդակցութիւնները՝ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեանի եւ Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Մարիոն Ուրպանի ղեկավարութեամբ:
Հայ-գերմանական ֆինանսական համագործակցութիւնը կեդրոնացած է երեք հիմնական ոլորտներու վրայ՝ ֆինանսական եւ սեփական հատուած, ուժանիւթ, ջրամատակարարում եւ ջրահեռացում: Աւելի փոքր ծաւալով դրամաշնորհներ կատարել ծրագրուած է առողջապահութեան եւ բնապահպանութեան ոլորտներուն [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հայաստանի վարչապետին եւ Ազգային ժողովի նախագահին այցելութիւններ տալէ ետք, օրերս Երեւան գտնուող Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Տաւիթ Պաքրածէ եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը 25 Փետրուարին հանդիպում ունեցած են նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են Սերժ Սարգսեան Վրաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ժամանակ ստորագրուած համաձայնութիւններու գործադրման գործընթացին, յատկապէս երթեւեկութեան, հաղորդակցութեան եւ այլ ուղղութիւններով նախատեսուող ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ, [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի փոխնախարար Ստեփան Պետրոսեան Փետրուար 24ին լրագրողներուն յայտնեց, թէ կառավարութիւնը պետական ամավարկէն շուրջ 200 միլիոն դրամ յատկացուցած է Չաւախքի հայկական դպրոցներու վերանորոգման եւ մշակութային հաստատութիւններու կառուցման աշխատանքներուն համար: Բացի ատկէ, սփիւռքի նախարարութիւնը մշակած է Չաւախքի մէջ մշակութային ձեռնարկներու ծրագիր մը, որուն լոյսին տակ պիտի օժանդակէ տեղական երաժշտական խումբերուն, երեխաներ պիտի ընդգրկէ մշակութային [...]
February 25th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 25ին, Խոջալուի հարցով Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութեան արշաւը հասաւ Թուրքիոյ խորհրդարան, ուր իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութեանց ներակայացուցիչները դատապարտեցին «հայերու կողմէ գործադրուած ջարդերը», պնդելով, որ հայերը սպաննած են 613 ատրպէյճանցիներ: Ազգայնամոլ երեսփոխան Շէնօլ Պալ պնդեց, թէ Խոջալուի մէջ 1300 քաղաքայիններ սպաննուած են հայերու կողմէ եւ աւելցուց, թէ այս ոճիրները շարունակութիւնն են «200 տարիներէ ի [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Փետրուար 18էն Մարտ 8ի միջեւ, Սպանիոյ Լինարես քաղաքին մէջ կը շարունակուի ճատրակի տարեկան աւանդական 5րդ մրցաշարքը՝ աշխարհի լաւագոյն 8 վարպետներու մասնակցութեամբ:
Փետրուար 25ի տուեալներով, Լեւոն Արոնեան հաւասարութեամբ աւարտած է իր վերջին խաղը չինացի Վան Եուի դէմ: Յիշեցնենք, որ ճատրակի հայ վարպետը առաջին տարին հաւասարութեամբ աւարտած էր իր խաղը նորվեկիացի Մաքնուս Քարլսէնի հետ, ապա յաղթած էր [...]
February 25th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- 20 Յունուարին, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) 23րդ Պատգամաւորական ժողովին բացումը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՄԱԿի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Էդուարդ Պապախանեան: Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ կազմակերպութեան ունեցած երկամեայ գործունէութիւնը: Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան խօսք առնելով՝ անդրադարձաւ մէկ ամբողջութիւն տեսլականին, նշելով, որ պէտք է ձեռք-ձեռքի տալով՝ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«Արմինեըն միրըր սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ հակառակ համատարած տնտեսական ճգնաժամին, Յունուար 12ին Մէնհէթընի «Սթաքս» հազուագիւտ մետաղադրամներու առք ու վաճառքով զբաղող յայտնի ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած աճուրդի մը ընթացքին, միջնադարեան եւ Կիլիկեան Հայաստանի հին հայկական 27 մետաղադրամներ վաճառուած են բացառիկ բարձր գիներով:
Հաւաքածոյին մէջ ընդգրկուած են Լոռիի Կիւրիկէ Բ.ի եւ Կիլիկեան Հայաստանի Կոստանդին Ա.ի դրամները, որոնցմէ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ. «Հետք».- Փետրուար 24ին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Տաւիթ Պաքրածէի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը արծարծած էին Թիֆլիսի Ս. Նորաշէն հայկական եկեղեցւոյ խնդիրը, որուն լուծումը վրացական իշխանութիւնները կը տեսնեն օրէնսդրական կարգաւորման միջոցով: Տ. Պաքրածէ շեշտած էր, թէ հարցը պէտք է չքաղաքացնել եւ նշած, որ իր երկրին համար շատ կարեւոր է հայ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Մինչ Տաւոսի մէջ Յունուարի վերջին շաբաթը հաւաքուած քաղաքական ղեկավարներ, տնտեսագէտներ, լրագրողներ, պիզնեսմէններ, եւ, առ հասարակ, ազատ շուկայական տոկմայի (կաղապարուած դաւանանքի-Խմբ.) հաւատաւոր երկրպագուներ փաթեթիք յուսահատութեամբ կը փորձէին հասկնալ թէ այդ ինչպէ՛ս եղաւ որ
առաջարկ-պահանջարկի պարզութեան վրայ տասնամեակներով կառուցուած տնտեսագիտական բնորդները իրենց մաթեմաթիկական ամենակուռ տրամաբանութեամբ յանկարծ փուլ եկան, եւ ինչպէ՛ս եղաւ որ այդ բնորդներէն եւ ոչ մէկը կրցաւ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գրողներու միութեան հիմնադրման 75ամեակին առթիւ այս տարուան ընթացքին կը նախատեսուի կազմակերպել յոբելենական ձեռնարկներ, հանդիսաւոր նիստեր եւ բազմաթիւ շնորհահանդէսներ: ՀԳՄի շարքերէն ներս ներկայիս ընդգրկուած են շուրջ 350 ստեղծագործողներ՝ Հայաստանէն ու Արցախէն:
Մարտին պիտի կայանայ աւանդական մանկապատանեկան գրականութեան շաբաթ, ուր առիթ պիտի ընծայուի ներկայացնելու նոր սերունդի, դպրոցականներու եւ մանկագիրներու ստեղծագործութիւնները եւ պիտի բաշխուին պարգեւներ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ռէյ Քունի, անգլիացի հանրածանօթ թատերագիրը, բեմադրիչը, դերասանն ու արտադրիչը նաեւ հիմնադիրն է «The Theatre of Comedy Company»ի, որուն զաւեշտախառն կատակերգութիւնները, Քունիի անուան շուրջ ստեղծած են աշխարհահռչակ համբաւ եւ հեղինակութիւն: Անոր գլխաւոր գործերէն մէկն է «It Runs In The Family» կատակերգութիւնը, զոր Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի «Արտաւազդ» թատերախումբի տարիներու վաստակաշատ բեմադրիչ-դերասան Գրիգոր Սաթամեան ոչ միայն թարգմանած էր, [...]
February 25th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Փետրուար 25ին, խօսելով «Հայ-թրքական յարաբերութիւննե՞ր, թէ հակամարտութիւն» թեմային շուրջ՝ քաղաքագէտ եւ «Արարատ» ռազմավարական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Այվազեան կատարեց հետեւեալ նշումը. «Թշնամական յարաբերութիւնները առհասարակ անուանւում են հակամարտութիւն: Մի բան, որ դուք հաւանաբար չէք լսել հայ-թուրքական յարաբերութիւնների մասին: Սրանք հակամարտութիւններ են, այլ ոչ թէ յարաբերութիւն», յայտնելով, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, Թուրքիա Հայաստանի դէմ կը [...]
February 25th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Փետրուար 24ին, «Մխիթարեան» վարժարան այցելեց Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացքին Թուրքիոյ աւագ բանագնաց եւ պետական նախարար Էկէմէն Պաղըշ, որուն կ’ընկերանար իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Շիշլիի քաղաքապետութեան թեկնածու Էմին Հապէրտար։ Պաղըշի կողմէ նախօրօք յայտնուած փափաքին համաձայն, այդ այցելութեան ընթացքին վարժարան հրաւիրուած էին նաեւ հայկական համայնքի թաղային մարմիններու ատենապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, եւ համայնքէն կարկառուն դէմքեր։ [...]
February 25th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
«Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը այս տարի որոշած է բարձրացնել իր ծառայութիւններուն որակը:
«Հարաւկովկասեան երկաթուղի»ի գլխաւոր տնօրէն Շեւթէք Շայտուլի Փետրուար 25ին յայտարարեց, թէ՝ «Առաւել հրատապ խնդիրներից ուզում եմ նշել սպասարկման ցածր մակարդակը, հնացած միջոցների բարձր մասնաբաժինը եւ գրագէտ կառավարման եւ որակեան կատարողականութեան բացակայութիւնը»: Ան հաստատած է, թէ այս տարի կը նախատեսուի Հայաստանի մէջ 80 միլիոն [...]
February 25th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Թուրքիոյ միակ քրտական քաղաքական կուսակցութեան՝ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան պետ Ահմէտ Թիւրք Երեքշաբթի, Փետրուար 24ին աղմուկ բարձրացուց Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։ Ան խորհրդարանին մէջ կուսակցութեան խմբակի նիստի ընթացքին, թրքերէն խօսելէ ետք, յայտնեց, թէ իր ելոյթին մնացեալ մասը պիտի ընէ քրտերէնով ու սկսաւ քրտերէն խօսիլ։ Պետական «Թի.Առ.Թի.» պատկերասփիւռի կայանը, որ ուղղակի սփռում կ’ընէր, ընդհատեց հաղորդումը, սակայն [...]
February 25th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի Փետրուար 25ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի: Լիբանան կատարած միօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցող սոյն հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց առնչուած հարցեր:
February 25th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երէկ, Երեւանի մէջ, վրացական դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին, ցոյցին մասնակիցներու կողմէ հրապարակուած է կոչ մը՝ Չաւախքի հայութեան վերաբերեալ: Ստորեւ կը հրապարակենք այս կոչը:
Հակառակ Վրաստանի կողմից ազգային փոքրամասնութիւնների իրաւունքների պաշտպանութեան գծով միջազգային պարտաւորութիւնների ստանձմանը, հակառակ ջաւախքահայութեան եւ վրացահայութեան շարունակական բողոքներին եւ դրանց արձագանգող տարբեր միջազգային ատեանների եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնների յանձնարարականներին՝ վրացական իշխանութիւնները [...]
February 25th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- 29-30 Յունուարին եւ 3 Փետրուարին, Թեհրանի Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան «Յ. Թումանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արազ» մանկապատանեկան երգչախումբին տարեկան երգահանդէսը՝ խմբավարութեամբ Թենի Յակոբեանի:
Ձեռնարկի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Այրինա Նորաւեան, որ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց երգչախումբի գործունէութեան մասին:
Յայտագիրը կը բովանդակէր հայերէն եւ օտար լեզուներով խմբային եւ անհատական երգեր:
February 25th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Յունուար 25ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս, Հայ կապոյտ խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութեան նուիրուած ձեռնարկ մը՝ Հայաստանեան ծրագիրի ամբողջացման առիթով:
Սրահը լեցուն էր հանդիսատեսներով եւ մանաւանդ երիտասարդներով, որոնք եկած էին մօտէն հետեւելու հաստատութեան վկայութիւններուն՝ իրենց տարած աշխատանքներուն մասին: Ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւը, թաղականութիւնը, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային [...]
February 25th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. «ՓանԱրմինեըն.Նեթ».- Ռուսիոյ Նովոսիպիրսք քաղաքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայեր ենթարկուած են յարձակումի մը, որուն հետեւանքով քանի մը տուժածներ փոխադրուած են հիւանդանոց եւ անոնցմէ մէկը մահացած է կրած վնասուածքներուն պատճառով:
Վիրաւորներէն մէկը պատմած է. «Յարձակողները պարզապէս հարցրեցին՝ «Հա՞յ էք», եւ սկսեցին ծեծել: Բոլորին ծեծեցին, գետին տապալեցին, խլեցին հեռախօսները, շղթաները: Սկզբում խեղդում էին, խլեցին ողջ գումարը, [...]
February 24th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Էտիրնէգաբու շրջանի հայկական գերեզմանատան վարչութեան նախագահ Ռոմանոս Ճէզվէճեան կը տեղեկացնէ, թէ 2008ի Հոկտեմբերի վերջին օրերուն անծանօթ մը կամ անծանօթներ մտնելով Էտիրնէգաբուի գերեզմանատունէն ներս՝ խորտակած էին գերեզմանատան 12 դամբանաքարերը, եւ Պոլսոյ քաղաքապետութեան գերեզմանատուներու տնօրէնութիւնը աւելի վերջ նորոգած ու նոյնութեամբ վերականգնած էր զանոնք։ Սակայն նորոգութենէն ընդամէնը 20-25 օր ետք, երկրորդ յարձակում մը տեղի ունեցած [...]
February 24th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան, մայրաքաղաքի կեդրոնական եւ թաղային ղեկավարութեան հետ իր հանդպման ընթացքին, յիշեցուց ներկաներուն, թէ ընդամէնը երեք ամիսէն Երեւանի կառավարման տրամաբանութիւնը, սկզբունքներն ու ձեւերը փոփոխութեան պիտի ենթարկուին:
«Մենք եւ դուք միասին պէտք է կարողանանք յաւուր պատշաճի իրականացնել մեր գործառոյթները, միեւնոյն ժամանակ՝ սահուն անցում ապահովելով կառավարման նոր ձեւին», յայտնած է նախագահը:
[...]
February 24th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Ասպարէզ»ի հարիւրամեակին առիթով հաստատուած Մկրտիչ Ղանդիլեանի անուան երկրորդական վարժարաններու աշակերտներու շարադրութեան մրցոյթի ժամկէտը յետաձգուած է՝ առիթ տալու համար հանրային վարժարաններու աշակերտներուն, որ մասնակցին մրցումին:
Ինչպէս նախապէս յայտարարուած է, մրցոյթի պայմաններն են՝
* Նուազագոյնը հազար հինգ հարիւր բառերէ կազմուած ստեղծագործ գրութիւն՝ արեւմտահայերէնով կամ արեւելահայերէնով:
* Գրութիւնը պէտք է «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան հասնի ամէնէն ուշը մինչեւ Ապրիլ 1, 2009:
* Առաջին [...]
February 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
Հոլիվուտի տարեցներու բազմանպատակ կեդրոնը ծրագրած է 60 տարիքը բոլորած քաղաքացիներու յատուկ եկամուտի տուրքերու ձրի պատրաստութեան սպասարկութիւն մը: Ժամադրութեան համար դիմել (323) 957-6900 թիւին: Ժամադրութեանց ժամերն են 8:30էն 11:30:
Տուրքերը պատրաստողներէն են Արթ Լեւինն ու Թամ Միչըլ, իսկ կեդրոնի հասցէն է 1360 N. St. Andrews Place:
Տարեցները իրենց հետ պէտք է բերեն թիւ 1040 եւ 540 [...]
February 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին լոյսին տակ կոչ ուղղեց միջազգգային համայնքին, որ «Համաս»ի եւ անոր նման պաղեստինեան խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի իշխանութիւններուն կատարուող զէնքերու վաճառքը սառեցնէ։
Կազմակերպութիւնը ըսաւ, թէ ձեռք ձգած է փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, որ թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ՛ «Համաս», քաղաքայիններու վրայ յարձակումներ կատարելու համար, [...]
February 24th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հիմնուած՝ 1990ին
Հասցէ՝ 4777 Santa Monica, Los Angeles, CA
Հեռաձայն՝ 323-669-1260
Տէր եւ տնօրէն՝ տէր եւ տիկին Յարութ եւ Այտա Մատէնեան
Եթէ վայրկեանի մը համար Հոլիվուտի 80ական տարիներու պատմական էջերը թղթատենք, կը տեսնենք, որ այդ օրերուն, այս հայաշատ շրջանէն ներս, մատի վրայ կը համրուէին հայկական ճաշարաններն ու յատկապէս ճաշասրահները:
Ճիշդ է, որ Հոլիվուտ, Սանսէթ եւ [...]
February 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Շաբաթ, Փետրուար 21ին, Պոլսոյ պանդոկներէն մէկուն մէջ կայացաւ Թուրքիոյ հայկական կարգ մը հաստատութիւններու, Խաղաղութեան ձեռնարկի, Հելսինքիի հայրենակիցներու միութեան, Ընկերվար ժողովրդավարներու վագֆի, Պատմութեան վագֆի, Հրանդ Տինքի անուան վագֆի համատեղ նախաձեռնութեամբ մամլոյ ասուլիս մը, որ դարձեալ նուիրուած էր «Սարը Կէլին» ժապաւէնի նախակրթարաններուն մէջ ցուցադրութեան գայթակղութեան։
Մասնակիցները վճռաբար դիտել տուին, որ պիտի շարունակեն հետապնդել հարցը ու [...]
February 24th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »