Home » March 31st, 2009Entries posted on “March, 2009”
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, Մարտ 29ին, կանաչ շապիկներ հագած աւելի քան 300 հայ երիտասարդներ, «զինուած» մաքրութեան գործիքներով, մասնակցեցան Փոքրիկ Հայաստանը մաքրելու եւ նոր ծառեր տնկելու տարեկան ձեռնարկին, որ յաջորդական վեցերորդ տարին ըլլալով կազմակերպուած էր ՀԵԴի կողմէ:
«Այսօր հոս կը գտնուինք անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելու համար, որ Լոս Անճելըսի մէկ մասը կոչուած է մեր համայնքին ի [...]
March 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
Անցեալ Հինգշաբթի «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ գիտաժողովի բազմաթիւ նիստերէն միայն մէկուն ներկայ կրցայ ըլլալ, դժբախտաբար:
Աւելի ցաւալին, սակայն, այս նիստի ընթացքին փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնն էր, թէ՝ ինք արդէն տեղեակ պահած է համալսարանի տնօրէնութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին հանգստեան կոչուելու իր մտադրութեան մասին:
Ժամանակը, այո՛, դաժան կանոններով կը շարժի եւ ուշ կամ կանուխ, այս [...]
March 31st, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Երէկ՝ Մարտ 31ին, Ղարաբաղի Բերքաբեր գիւղի սահմանային հատուածին վրայ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ-դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ շփման գիծի դիտարկում, որ անցաւ առանց միջադէպի: Մինչ այդ, Իջեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ճեպազրոյց մը՝ Անճէյ Քասփրչիքի դաշտային օգնականներու, Տաւուշի մարզպետարանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին տրուեցան պատասխաններ՝ սահմաններու վրայ տիրող եւ պայմանական հրադադարին [...]
March 31st, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Աւանդաբար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ընդդիմացող Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խումբ մը անդամներ Երկուշաբթի, Մարտ 30 թուակիր նամակ մը յղած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի նախագահներուն՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով նպաստելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բարելաւման:
Նամակին տակ ստորագրած են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի դեմոկրատ անդամ Ռապըրթ Ուէքսլըր, Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբի դեմոկրատ ատենապետ Այք Սքէլթըն, Պաշտպանութեան յատկացումներու ենթայանձնախումբի [...]
March 31st, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Աշխարհահռչակ յաճախորդներով հանրածանօթ դէմք մը դարձած իրաւաբան Մարք Կիրակոս ունի նաեւ ոչ այդքան ծանօթ երես մը՝ իբրեւ կալուածներու ներդրող: Արդարեւ, ան իրաւաբան Պրայըն Քապաթէքի հետ վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին աւելի քան 30 միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարած է՝ գնելով Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի պատմական երկու շէնքեր, որոնցմէ մէկուն մէջ փոխադրուած են երկու իրաւաբանները, իսկ [...]
March 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
«Միասնական Չաւախք ժողովրդական դաշինք» հասարակական կազմակերպութեան առաջնորդ Վահագն Չախալեանի Մարտի 26ին նշանակուած դատավարութիւնը ընթացել է բազմաթիւ ապօրինութիւններով, որոնց մասնակցել են դատաւորն ու մեղադրողը: Չախալեանի փաստաբան Ստեփան Ոսկանեանի բնորոշմամբ՝ այդ օրուայ դատական նիստն իր կեղծիքներով ու ապօրինութիւններով, անօրինական քայլերով հասել է գագաթնակէտին: «Ակնյայտ էր դատարանի շտապողականութիւնը: Նոյնիսկ պաշտպանական ճառի համար չէր ցանկանում ժամանակ տրամադրել: Դատական ամբողջ [...]
March 31st, 2009
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան անցեալ Շաբաթ օր այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ մասնակցած է այնտեղ կազմակերպուած ծառատունկին: Շաբաթօրեայ այս ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեան:
March 31st, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ազնուական եւ տոհմիկ ժողովուրդի մը նախախնամութեան հրաշքին կառչիլը ի զուր չէր, երբ դար մը առաջ ծնունդ տուաւ աննախընթաց եւ հրաշալի Հայ կնոջական կազմակերպութեան մը, որուն արմատները սնունդ առին ու տուին բազմաչարչար եւ տառապեալ ժողովուրդի մը պատմութեան էջերով, որոնք թրծեցին ու մշակեցին տուեալ ժողովուրդին գոյատեւումն ու բարգաւաճումը։
1910ին յատկանշական օր մը, երբ ԱՄՆի Նիւ Եորք նահանգի [...]
March 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն» կայանը կը յայտնէ, որ անշարժ գոյքի առք ու վաճառքով զբաղող գործակալութիւններու տուեալներուն համաձայն, անշարժ գոյքի գիները Հայաստանի մէջ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած են 30-40 տոկոսով, իսկ գործարքներու քանակը նուազած է 50-90 տոկոսով (տարբեր գործակալութիւններու տուեալներով): Անշարժ գոյքի պետական կոմիտէի տուեալներուն համաձայն, սակայն, գործարքներու քանակը նուազած է ընդամէնը 20 տոկոսով:
«Վերջին 10-15 [...]
March 31st, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազատութիւն» կայանը կը յայտնէ, որ անհատներէ դրամատնային համակարգի միջոցով Հայաստան ուղարկուած գումարներու ծաւալը կը շարունակէ նուազիլ: Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան երէկ հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, այս տարուան Յունուար-Փետրուար ամիսներու դրամատնային համակարգի միջոցով մասնաւոր փոխանցումներու ընդհանուր ծաւալը կազմած է 169 միլիոն տոլար, որ գրեթէ 20 տոկոսով նուազ է 2008 թուականի նոյն ժամանակահատուածին կատարուած փոխանցումներու ծաւալէն:
Նոյն ժամանակամիջոցին [...]
March 31st, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նկատի ունենալով, որ Ապրիլ ամիսը Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման ամիս դարձած է, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է քարոզչական բազմաճակատ արշաւի մը նախաձեռնել համացանցին ու աւանդական մամուլին միջոցաւ՝ լուսարձակներ բանալով Տարֆուրի մէջ շարունակուող ցեղասպանութիւնը կասեցնելու եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչում ապահովելու հարցերուն վրայ:
Այս նպատակով հաստատուած համացանցային www.anca.org/change կայքէջին վրայ կարելի է տեղեկութիւններ կարդալ Տարֆուրի բնակչութեան [...]
March 31st, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հասարակական կազմակերպութեան պատասխանատու Սամուէլ Կարապետեան Մարտ 31ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելը՝ Ապրիլ 24ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին առջեւ ծաղիկներ դնելով պէտք չէ արտայայտուի միայն, այլ հարցին լրջութիւնը գիտակցելով՝ մասնակցելով այդ կապակցութեամբ կազմակերպուած յիշատակի արարողութիւններուն:
Ան յայտնեց, թէ յարգանքի արտայայտութիւն չէ, երբ յուշահամալիրի կարգ մը այցելուներ, [...]
March 31st, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
2009 թ. լրանում է Ապրիլի 24ը՝ որպէս Մեծ Եղեռնի զոհերի ոգեկոչման օր նշելու 90ամեակը: 1919թ. Մարտին Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած արեւմտահայ մի խումբ մտաւորականների նախաձեռնութեամբ Կ. Պոլսում ստեղծուեց յատուկ յանձնաժողով, որի գլխաւոր նպատակը Մեծ Եղեռնի զոհերի չորրորդ տարելիցի կապակցութեամբ յիշատակի միջոցառումների կազմակերպումն էր: Յանձնաժողովը, որը յայտնի էր «Ապրիլ տասնմէկի սգահանդէսի մասնախումբ» անուամբ, իր մէջ ընդգրկել էր [...]
March 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Մարտ 31ին, Իսրայէլի նոր նշանակուած վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պաշտօնապէս ստանձնեց երկրին ղեկը՝ խոստանալով արաբական կողմերուն հետ խաղաղութեան համաձայնագիրներ ապահովել, սակայն անգամ մը եւս մերժեց արտասանել պաղեստինեան անկախ պետութիւն մը մէջտեղ բերելու քայլին նկատմամբ իր համաձայնութիւնը:
Իր կարգին, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզ վստահեցուց, որ Իսրայէլի նոր կառավարութիւնը պիտի շարունակէ խաղաղութեան բանակցութիւնները։ Եւրոպական միութիւնը [...]
March 31st, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռոս Ուիլսըն Երեքշաբթի, Մարտ 31ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բարելաւումը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու աշխատանքներուն վրայ: Ան աւելցուց, թէ տագնապը կարելի չէ ռազմական միջոցներով լուծել:
Ուիլսըն խուսափողական պատասխան մը տուաւ Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու [...]
March 31st, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Հայաստանի պաշտպանութեան խորհուրդի Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝ իրենց հետագայ ձեռնարկին մասին:
«2009թ. Փետրուարի 23ին, երեկոյեան Արեւմտեան Հայաստանի պաշտպանութեան խորհուրդի քարոզչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ Գլենդելի հանրային գրադարանի հանդիսասրահում կայացաւ Աւարայրի եւ Արարայի զոյգ ճակատամարտերին նուիրուած հանդիսութիւն։
Իբրեւ բանախօսներ հրաւիրուած էին պատկառելի մտաւորականներ. Մերձաւոր արեւելքի պատմութեան եւ բիւզանդագիտութեան դոկտոր Զաւէն աւագ քհնյ. [...]
March 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- ԱՄՆի դատախազութիւնը հետաքրքիր նիւթեր է տրամադրում ՀՀ դատախազութեանը՝ ԱՄՆ տարածքում ՀՀ քաղաքացիների կողմից կատարուած յանցագործութիւնների վերաբերեալ:
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների միջեւ իրաւական փոխօգնութեան վերաբերեալ առ այսօր որեւէ փաստաթուղթ գոյութիւն չունի, թէեւ թւում էր, որ սա այն ոլորտն է, որի կարգաւորման հարցում ԱՄՆն պէտք է առաջնահերթ շահագրգռուած լինէր: ԱՄՆում այսօր գոյութիւն ունի բաւականին մեծ [...]
March 31st, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
էՄՄԱ ՈՒՄՐՈՅԵԱՆ
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Փետրուարի 12ին, ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի սրահին մէջ հաւաքուել էին ծնողներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ: Նրանք ուրախ ու անհամբեր սպասում էին Ա. կիսամեակի մրցանակաբաշխութեան սկսուելու արարողութեանը:
Վարժարանի վաստակաշատ տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանը բեմ հրաւիրեց ուսուցիչներին, որոնք ըստ դասարանների յանձնեցին մրցանակներ:
Խանդավառ ու ջերմ ծափահարութիւններով ներկաները ողջունեցին մրցանակներ ստացած աշակերտներին: Մրցանակներ ստացան դասերի մէջ բարձր յաջողութիւն [...]
March 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը ընդարձակ տեղեկատուութեամբ մը կը մեկնաբանէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութիւնը՝ յայտնելով, թէ Ամերիկան այս այցելութեամբ պիտի փորձէ Թուրքիայէն օգտուիլ, Միջին Արեւելքը իր հակակշռին տակ առնելու հարցին մէջ։ Կը նշուի նաեւ, որ այս այցելութեան ընթացքին անտարակոյս պիտի քննուի «1915ի կնճռոտ հարցը»։
«Ռոյթըրզ» լուսարձակի տակ կ’առնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները՝ շեշտելով, որ ռազմավարական դաշնակից [...]
March 31st, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Նովոսթի» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Հնդկաստան ու Մեքսիքա առաջատարները կը հանդիսանան դէպի Միացեալ Նահանգներ կատարուող «ուղեղներու արտահոսք»ին մէջ:
Ըստ ուսումնասիրութեան մը, Ամերիկայի մէջ կ’աշխատին աւելի քան 500,000 մեքսիքացի գիտնականներ։ Առաջին կարգի վրայ կու գայ Հնդկաստան՝ աւելի քան 600,000 գիտնականով։ Մեքսիքայի կը յաջորդեն Ֆիլիփին, Չինաստան, Քանատա, Գերմանիա ու Մեծն Բրիտանիա:
March 31st, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ.Ամ».- Հայաստանի ազգային օդային փոխադրութեան «Արմաւիա» ընկերութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, Մարտ 30ին ան սկսած է Երեւան-Ցիւրիխ մշտական թռիչքներ իրականացնել: Այս ուղղութեամբ, շաբաթական երեք թռիչքները (Երկուշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ) պիտի կատարուին A-319, A-320 կարգի ժամանակակից օդանաւերով:
Չուերթի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ցիւրիխի «Եունիք» օդակայանին մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ SWISS օդանաւային [...]
March 31st, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Ներդրումային հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Կարէն Եսայեան Մարտ 31ին լրատուական միջոցներուն յայտնեց, թէ ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, Արցախի Ներդրումային հիմնադրամի միջոցով արտօնեալ վարկեր (mortgage) պիտի տրամադրուին շրջաններու մէջ ապրող բնակիչներուն: Բնակարաններու վերանորոգման համար կը նախատեսուի տրամադրել մինչեւ 2.5 միլիոն դրամ՝ 5 տարուն մարման ժամկէտով, իսկ տուն գնելու պարագային, մինչեւ [...]
March 31st, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Սպիտակ տան ապահովական հարցերու խորհրդականներէն Տէնիս ՄըքՏանօ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կ’ուզէ վերաշխուժացնել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները:
Շաբաթ, Մարտ 28ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուած են Օպամայի Անգլիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Չեխիա եւ Թուրքիա այցելութեանց մասին։
ՄըքՏանօ ըսած է, թէ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու համար [...]
March 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹՈՐՈՆԹՕ.- 8 Մարտ 2009ին, տեղի ունեցաւ Քանատայի հայ ուսանողներու առաջին խորհրդաժողովը «Հոլիտէյ Ին» պանդոկին մէջ՝ կազմակերպութեամբ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան (ԱԳՈՄ) կողմէ:
Խորհրաժողովին հրաւիրուած էին 11 հայ ուսանողական միութիւններ՝ Քանատայի տարբեր շրջաններէն։ Քէպէքի նահանգէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Concordia-ի, McGill-ի, Universite de Montreal-ի եւ զանազան CEGEP-ներու հայ ուսանողական միութիւնները իսկ Օնթարիոյ նահանգէն՝ Waterloo-ի, York-ի, McMaster-ի, Ryerson-ի, [...]
March 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՎԻՆԱ ՏԷԼ ՄԱՐ.- 28 Մարտին, Չիլէի Վինա Տէլ Մար քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Յառաջդիմական ղեկավարներու 6րդ գագաթնաժողովը՝ հիւրընկալութեամբ Չիլէի նախագահուհի Միշէլ Պաշըլէի եւ մասնակցութեամբ շուրջ հարիւր հրաւիրեալներու, որոնց կարգին՝ Արժանթինի նախագահուհի Քրիստինա Ֆերնանտէզ, Պրազիլի նախագահ Լուլա տա Սալիվա, Ուրուկուէյի նախագահ Թապարէ Վասքէզ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն, ԱՄՆի փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, Նորվեկիոյ վարչապետ Ճենս Սթոլթընպըրկ, [...]
March 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի աշակերտութեան, Շաբաթ, 21 Մարտ 2009ին, երեկոյեան ժամը 7։00ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 140ամեակի տօնակատարութիւն։
Ձեռնարկին բացման խօսքը միութեան վարչութեան անունով արտասանեց Աստղիկ Ճամպուլեան, որ Կոմիտասին արժէքը ներկայացնելով՝ հաստատեց, թէ ան հայ երաժշտութեան [...]
March 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմնի եւ ԼՂՀ կառավարութեան համատեղ օժանդակութեամբ, կը շարունակուին անցեալ աշնան սկսած Բերդաշէն գիւղի ջրամատակարարման համակարգի վերակառուցման աշխատանքները: 1960ականներուն կառուցուած ջրամատակարարման համակարգը մօտաւորապէս դադրած էր գործելէ եւ վերանորոգման խիստ կարիք ունէր:
Հիմնադրամի Մարտ 30ի հաղորդագրութեան համաձայն, արդէն աւարտած են ինքնահոս ջրատարի, ինչպէս նաեւ ճնշումային ջրատարի կառուցման աշխատանքները:
3.6 քլմ. երկարութեամբ նոր [...]
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս ծանօթ է, Կիրակի, Մարտ 29ին կայացած Թուրքիոյ տեղական ընտրութիւնները աննախադէպ էին նաեւ հայկական համայնքին համար, որովհետեւ համայնքէն մեծ թիւով անձեր տարբեր կուսակցութեանց ցանկերէն իբրեւ թեկնածու առաջադրուած էին քաղաքապետական կամ նահանգային խորհուրդներու, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Մայր քաղաքապետութեան անդամակցութեան համար։
Ընտրութիւնները տուին հետեւեալ արդիւնքը.
Րաֆֆի Հերմոն Արաքս անդամ ընտրուեցաւ Կղզիներու քաղաքապետական խորհուրդին:
Միւս կողմէ, [...]
March 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն առաջադրեց 2009ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հայ թեկնածուները։ Քաղաքական կարգախօս-առաջադրանքով՝ Հայկական երեսփոխանական պլոքի յառաջիկայ կազմը։
Օրինաչափ էր լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցներու հետաքրքրութեան չափն ու տարողութիւնը։ Անոնք փութացած էին կանուխէն «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահ ակնդէտ հետեւելու համար Դաշնակցութեան յայտարարութիւններուն եւ անոր առաջադրած թեկնածուներու ներկայացման։ Թէ՛ երէկուան լրագրողական եռուզեռը եւ թէ՛ առհասարակ որոշ ժամանակէ ի [...]
March 30th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Կիրակի օր, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ պաշտօնական ձեռնարկով մը յայտարարեց իր թեկնածուներուն անուանացանկը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ, նախկին նախարարներ, երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան մէկ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Կարօ Ճղըլեանի, ինչպէս նաեւ ազգային դպրոցներու եւ հաստատութեանց տնօրէններ եւ մեծ թիւով լրագրողներ։
[...]
March 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Շաբաթ, Մարտ 14ի առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կէսօրէ ետքի ժամ 5, ճաշի մէկ ժամ դադարով, Կլէնտէյլի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ գիտաժողովը: Կազմակերպողն էր՝ ՀՅԴ, ՌԱԿ եւ ՀԲԸՄ ներկայացնող Համագաղութային մարմինը: Գիտաժողովի յանձնախումբի անդամներն էին՝ Յակոբ Նազարեան, դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան, փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, դոկտ. Կարօ Մոմճեան եւ Զաւէն [...]
March 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան, Մարտ 30ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, թէ Հայաստանի գիւղական ճամբաներու վերանորոգման եւ կառուցման համար, Համաշխարհային դրամատունը Ապրիլ 1ին Հայաստանի պիտի տրամադրէ 25 միլիոն տոլար, որ պիտի ծառայէ մօտ 100 քլմ. ճամբաներու կառուցման եւ վերանորոգման գործին: Անդրադառնալով Սեւծովեան օղակաձեւ մայրուղիի ստեղծման՝ Գ. Սարգսեան յայտնեց, որ [...]
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մարտ 30ին ընդունած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Կեռնոթ Էրլեր, անոր հետ Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ Պունտեսթակի գերմանա-հարաւկովկասեան խորհրդարանական խումբի նախագահ, պատգամաւոր Շթեֆֆըն Ռայխըն եւ Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան տիկին Անտրիա Եոհաննա Մարիա Վիքթորինի:
Հանրապետութեան նախագահը չափազանց կարեւոր նկատած է Եւրոպայի առաջատար երկիրներէն Գերմանիոյ հետ [...]
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ, ըստ «Հիւրրիյէթ» թերթի տեղեկագրութեան, կը յայտնեն, որ հայ եւ թուրք դիւանագիտական ներկայացուցիչներու վերջին շրջանի գաղտնի բազմաթիւ բանակցութիւններու շնորհիւ, կարելի եղած է համաձայնութեան հասնիլ շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ՝ երկու երկիրներու յարաբերութեանց բնականոնացման շրջանակին մէջ:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է դիւանագիտական յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ: Այս ոլորտին մէջ, թրքական աղբիւրները կը [...]
March 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ապրիլ 9-10ին Ատրպէյճան պիտի այցելէ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եուշչենքօ, որ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի քննէ երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր:
Անցեալ տարի երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը հասած է 904 միլիոն տոլարի, ինչ որ 52 տոկոսով աճ մըն է 2007ի տուեալներուն համեմատ:
March 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
… Վերջապէս, մենք կա՛մ «Սանասար»եան ենք, կառուցող,
կամ ալ «Պաղտասար»եան՝ Սանասարին կառուցածը քանդող.
Պ. Ա.
Կը դեգերիմ անցեալ շաբաթավերջի շատ հարուստ անցուդարձերուն բաւիղներէն։
Ուրբաթ, 13 Մարտ 2009. Վաղեմի, չարչարուած, հնաբոյր, անհամար յիշատակներով թաթաւուն ջութակս գրկած՝ մեր քայլերը կ’ուղղենք դէպի հաւաքավայրը. հոն տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ-դրամահաւաք, ինչպէս անցեալ երեք տարիներուն, Շուշիի Դանիէլ Ղազարեան երաժշտական դպրոցին համար։ Կրկին կը [...]
March 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ մէջ Կիրակի, Մարտ 29ին տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին եօթը անջատ նահանգներու մէջ մրցակից թեկնածուներու եւ անոնց համակիրներուն միջեւ բախումներու պատճառով արձանագրուեցան հինգ զոհ եւ 93 վիրաւոր, մինչ թեկնածու մը, վէճի մը ընթացքին կաթուածահար ըլլալով՝ մահացաւ: Բախումները կեդրոնացած էին քրտաբնակ շրջաններու մէջ:
Ըստ նախնական արդիւնքներուն, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում [...]
March 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ Ապրիլ 2-30ի միջեւ տեղի պիտի ունենայ պարսկերէն ձեռագիրներու ցուցադրութիւն: Մատենադարանի բանբերը լրագրողներուն տեղեկացուց, որ պիտի ներկայացուին 50 պարսկերէն ձեռագիրներ, մանրանկարներ եւ վաւերագրեր, որոնց հիմնական մասը նախապէս չէ ցուցադրուած: Ցուցահանդէսին համար առիթ հանդիսացած է Մատենադարանի գիտաշխատող Քրիստինէ Կոստիկեանի «Պարսկերէն վաւերագրեր» գիրքին երրորդ հատորին հրատարակութիւնը, որուն շնորհահանդէսը եւս պիտի կատարուի [...]
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Երկուշաբթի, Մարտ 30ին յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը որոշած է մէկէն երկու ամսուան պայմանաժամ շնորհել «Քրայզլըր» եւ «Ճի.Էմ.» ինքնաշարժի ընկերութեանց, որպէսզի անոնք ընկերութիւնները փրկելու նպատակով ընդունելի ծրագիրներ ներկայացնեն:
Անցեալ տարուընէ ի վեր պետութենէն միլիառաւոր տոլարի օժանդակութիւններ ստացող երկու ընկերութիւնները կր դիմագրաւեն սնանկացման վտանգը, եթէ կառավարութիւնը անոնց նեցուկ չկանգնի:
Սպիտակ տան [...]
March 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Վերջերս Աշոտ Աւանէսեան ընտրուեցաւ Ուքրանիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ղեկավար:
Ուքրանիոյ ազգերու եւ կրօններու գծով կը գործէ սոյն պետական յանձնաժողովը, որուն կազմէն ներս կը գտնուին համաուքրանական ազգային փոքրամասնութիւններու ղեկավարներ:
Աշոտ Աւանէսեան կը հանդիսանայ Ուքրանիոյ հայերու միութեան ստեղծման նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը: 2001ի Յուլիս 1էն ի վեր, ան ընտրուած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան առաջին նախագահ: Ան [...]
March 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-ինֆօ».- Մարտ 26ին պաշտօնական այցով Ախալքալաք ժամանած են Վրաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան գլխաւոր խորհրդականի տեղակալ Քենթ Դ. Լակսթըն, քաղաքական գծով աշխատակից Ճոուի Տեւիս-Քիշնըր, քաղաքական օգնական Մակօ Չոքոբերիձէ եւ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան քաղաքական գծով պաշտօնեայ Տանիէլ Մ. Ռեննա:
«Ա-ինֆօ»ի տուեալներով, հիւրերը հանդիպած են Ախալքալաքի Շրջանային վարչութեան աշխատակիցներու հետ, քննարկած են տեղւոյն իրավիճակը, լսած են [...]
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Հայաստան» հիմնադրամը, որ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Արեւ-մտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղն է, Երկուշաբթի, Մարտ 30 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանցէ, թէ ընտրած է նոր ատենապետ մը՝ Արա Ակիշեան:
Միաձայն որոշումը տրուած է հոգաբարձական մարմնին Հինգշաբթի, Մարտ 26ի ժողովին ընթացքին: Յայտնենք, թէ իրաւաբան Արա Ակիշեան 2001էն ի վեր Հայաստան հիմնադրամին փոխատենապետն էր:
Վերոյիշեալ ժողովին ներկայ [...]
March 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ, «Էյ.Էն.Էս.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով Ապրիլ 1-3ի միջեւ Վրաստան պիտի այցելէ, եւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլիի, ինչպէս նաեւ Վրաստանի վարչապետին ու արտաքին գործոց նախարարին հետ: Հանդիպումներու ընթացքին պիտի քննարկուին շրջանին վերաբերող, ինչպէս նաեւ միջազգային հարցեր:
March 30th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ.- «Կոմիտաս» հիմնարկը 16 Մարտին տեղեկացուց, թէ Ատանայի ջարդերուն հարիւրամեակին առիթով Լոնտոնի Տնտեսութեան վարժարանին մէջ, 28 Մարտին տեղի ունենալիք գիտաժողովը որոշուած է յետաձգել եւ զայն գումարել Պոլսոյ «Սապանճը» համալսարանին մէջ, 6-7 Նոյեմբերին:
«Կոմիտաս» հիմնարկի վարիչ Արա Սարաֆեան յայտնեց, թէ 1909ի Ատանայի ջարդերուն մասին գիտաժողովը Պոլսոյ մէջ կատարելու առիթը կարելի չէր փախցնել: Ատանայի ջարդերը մաս կը [...]
March 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արհեստավարժ բռնցքամարտի միջազգային վարկածով աշխարհի բազմակի ախոյեան Արթուր Աբրահամ, այս ամառ իր տիտղոսը պիտի պաշտպանէ՝ մենամարտելով աշխարհի ախոյեանի կոչման պարտադիր յաւակնորդ, իտալացի Ճիովաննի Լորենզոյի հետ:
Կայանալիք մրցումին մասին Մարտ 30ին լրագրողներուն հաղորդեցին Ճ. Լորենզոյի ներկայացուցիչ, «Մէյն Իվենթ» կազմակերպութեան պաշտօնատար մը եւ Ա. Աբրահամի ներկայացուցիչ՝ «Ուիլֆրիտ Զաուըրլանտ» ընկերութիւնը:
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
«Մարմարա» օրաթերթէն կը տեղեկանանք, թէ ըստ Պոլսոյ Դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին Ատենապետ, այժմ Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած Անդրանիկ Ճինկէօզի, դպրեվանքցիներուն ջանքերով, Հայաստանի մէջ երկու վարժարաններով պիտի յաւերժանան երկու պատրիարքներ՝ Գարեգին Խաչատուրեանի եւ Շնորհք Գալուստեանի անունները։
Առ այդ, որոշուած է կառուցել 600,000 տոլարի տարողութեամբ երկու վարժարաններ, որոնցմէ առաջինին շուրջ արդէն իրականացած է սկզբնային համաձայնութիւն։ Այս ձեռնարկը կը հովանաւորեն [...]
March 30th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
«Տինօ Կոլտ Մայնինկ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան (Կապանի նախկին լեռանահարստացման գործարան) գլխաւոր տնօրէն Ռոպերթ Ֆալեթա, Մարտ 30ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Ապրիլ 1էն սկսեալ, գործարանը 1000 աշխատակիցով պիտի վերսկսի իր բնական աշխատանքին: Այս որոշումը, ըստ երեւոյթին, կապուած է վերջին շաբթուան ընթացքին պղինձի գիներու բարձրացման:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր՝ Մարտ 31ին, երկօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէ [...]
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
2008ին, հանրածանօթ հայրենի ազգագրագէտ ու պարուսոյց Ռուդիկ Հարոյեանի «Զատիկ» հատորը լոյս տեսաւ Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ նուիրուած՝ Համազգայինի հիմնադրութեան 80 ու Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի 40 ամեակներուն:
Հատորը, որ բաղկացած է 205 էջերէ, տպուած է Հայաստանի «Մեծն Տիգրան» հրատարակչատան կողմէ: Գիրքի խմբագրութեան օժանդակած է Վարդան Մատթէոսեան, իսկ Ալֆրէդ Եզնայեան պատրաստած է հատորի մէջ [...]
March 30th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. «Ռատիօլուր».- Պատգամաւորներէն շատերը վերջին օրերուն սկսած են պնդել, թէ հաւանական է, որ Ապրիլ 1ին «7ի գործ»ով դատավարութեան համար դատարան գայ դատախազը եւ փոխէ կալանաւորներուն մեղադրանքը, իբրեւ արդիւնք Քրէական օրէնսգիրքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն: Յիշեցնենք, որ նոյն պահանջով դիմում ներկայացուցած էին ազատազրկման մէջ գտնուող պատգամաւորներ Միասնիկ Մալխասեան, Սասուն Միքայէլեան եւ Յակոբ Յակոբեան:
Ուրբաթ օրէն սկսեալ, Ազգային [...]
March 30th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութեան Մարտ 27ին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշներ նամակ մը յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին՝ վերահաստատելով իր երկրին պատրաստակամութիւնը՝ ջանքեր գործադրելու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ:
Նամակը, որ կ’անդրադառնայ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային հարցերուն, Է. Նալբանդեանին յանձնած է Հայաստանի [...]
March 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Արեւմտեան թեմի եւ յատկապէս Փորթլընտի համայնքին համար հոգեկան ցնծութեան օրեր եղան Շաբաթ եւ Կիրակի, Մարտ 21 եւ 22ը, երբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ կատարուեցաւ շրջանի եկեղեցւոյ նաւակատիքը եւ օծումը:
Շաբաթ երեկոյեան ժամը 5ին դպրաց եւ սարկաւագաց դասի, հոգեւորականներու թափօրով եւ Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեանի ցուցմունքներով, առաջնորդը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ եւ զանգակներու ղօղանջով [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան պետ Յունան Պօղոսեան, Մարտ 27ին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ յանցագործութիւններու դէմ տարուած պայքարին արդիւնքով, Արցախի մէջ բացայայտուած են 5 պետական-հասարակական փտախտի յանցագործութիւններ, որոնց մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մօտ գրանցուած եւ գործող իրաւաբանական եւ սովորական անձեր:
Յ. Պօղոսեան նշեց, որ յիշեալ յանցագործութիւններու հետեւանքով, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կրած է [...]
March 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Մարտ 20ին, առանձնայատուկ եռուզեր մը կար Սարդարապատ գրատան մէջ: Այդ օրը գրատուն այցելութեան եկած էր նախագահ Պարաք Օպամայի լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանը:
Նախագահական թեկնածու Օպամայի երկամեայ ընտրապայքարի լուսանկարները՝ «Ես Ուի քէն» վերնագիրով գիրքի մը մէջ հաւաքած ու հրատարակած Թիւֆէնքճեանին հանդիպելու համար, Սարդարապատ եկած էին բազմաթիւ մարդիկ, որոնք առիթ ունեցան լուսանկարիչին ուղղելու զանազան հարցեր, որոնց [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդած է, թէ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Մարտ 27ին ընդունած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) գլխաւոր քարտուղար Լէոնիտաս Քրիզանթոփուլոս, որուն հետ քննարկած է ՍԾՏՀ օրակարգին եւ Հայաստանի կողմէ կազմակերպութեան նախագահութեան առնչուող հարցեր:
ՍԾՏՀ գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին կազմակերպութեան գործունէութիւնը եղած է [...]
March 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին որոշումը՝ պետական ծախսերուն մէկ մասը չորրորդ եռամսեակին յետաձգելու ուղղութեամբ, հիմնուած էր հարկային մուտքերու ահազանգային վիճակի տուեալներուն վրայ:
Ծախսերու յետաձգման այլ ոչ կրճատման որոշում առնելով՝ կառավարութիւնը կը փորձէ լաւատես երեւիլ կամ ձեւանալ, հաւանաբար կանխելու համար խուճապային տրամադրութիւնները:
Վիճակը սակայն իսկապէս ահազանգային է:
Առաջին երկու ամիսներուն հարկային մուտքերը եղած են նախատեսուածէն, աւելի ճիշդը՝ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Կլէնտէյլի Եւ Պըրպէնքի մէջ Հայ Դատի քաղաքական գործի յանձնախումբը ներկայացուցած է իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն ցուցակը:
Այս երկու քաղաքներուն մէջ ալ հայկական քուէն իր կարեւոր, նոյնիսկ վճռական դերը պիտի խաղայ՝ թեկնածուներու ընտրութիւնը յաջողցնելու կամ ձախողցնելու տեսակէտէն:
Պըրպէնքի պարագային Քաղաքային խորհուրդի միայն մէկ հայ թեկնածու կայ: Այստեղ Կարէն Եղբայրեան արժանի կը նկատուի մեր քուէներուն, ոչ թէ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով Երեւանի քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեան Մարտ 27ին քաղաքապետարանին մէջ հիւրընկալեց վաստակաւոր 15 դերասան: Քաղաքապետը շնորհաւորելով դերասանները՝ ըսաւ. «Ձեր գործն անմահ է եւ այն յաւերժ չի մոռացուի սերունդների կողմից»: Գ. Բեգլարեանի խօսքով, ներկայիս կան 400է աւելի վաստակաշատ դերասաններ, որոնք քաղաքապետարանին կողմէ արժանացած են մեծ ուշադրութեան:
Ընդունելութեան ընթացքին, մեծահասակ 15 դերասաններուն ծաղկեփունջներ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Ճարպը քիմիական բաղադրութիւն մըն է, որ բնասպիտներու (protein) եւ ածխաջրատներու (carbohydrate) նման կարեւոր դերակատարութիւն ունի մեր մարմնի կենդանութեան եւ առողջ պահպանման գործընթացքին մէջ։ Ճարպը կը հայթայթէ մեր մարմնին բաւարար չափով A, D, K, E կենսանիւթերը եւ բազմա-ոչյագեցած ճարպային թթուն (polyunsaturated fatty acid) որ կարեւոր դերակատարութիւն ունի մարմնի զանազան աշխատանքներուն մէջ։ Մէկ կրամ ճարպը կը հայթայթէ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը ծերակուտական Ալան Ֆերկըսընին (ազատական, հարաւային Աւստրալիա) կոչ ուղղեց Հայոց եւ պոնտացի յոյներու ցեղասպանութիւնները «վիճելի» կոչելուն եւ զանոնք այսօր «ճշգրիտ կերպով կարելի չէ նկարագրել» ըսելուն համար ներում հայցելու։
Ծերակուտականը այդ յայտարարութիւնը կատարած էր 18 Մարտին՝ հանդիպելէ ետք Թուրքիոյ դեսպանին հետ, որուն ակնարկած էր իբրեւ «անձնական բարեկամ»։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը ծերակուտական [...]
March 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Մարտ 27ին, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, թէ վերջին ամիսներուն յաճախակի դարձած են Հայաստանի համալսարաններու ուսանողներուն դիմումները՝ ուղղոած կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, ուսման վարձավճարներու գանձումը յետաձգելու խնդրանքով:
Մարտ 24ին, նախարար Ս. Սէյրանեան գրութիւն մը յղեց Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէնութիւններուն՝ թելադրելով, որ ուսման վարձավճարներու գանձման ժամկէտը երկարաձգուին մինչեւ Ապրիլ 15:
March 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը Ուրբաթ, Մարտ 27ի թիւին մէջ գրած է, թէ ծայրայեղ ազգայնամոլներու «Էրկէնէքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներուն դէմ ներկայացուած երկրորդ ամբաստանագրին մէջ կան Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ կարգ մը տեղեկութիւններ:
Ամբաստանագրին մէջ կը պնդուի, թէ այս սպանութեան ետին կան յայտնի զօրավար Վէլի Քիւչիւք ու ապահովութեան տնօրէնութենէն կարգ մը անձեր։ Ամբաստանագրին մէջ կը գտնուին այժմ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴի թեկնածու Յարութիւն Սամուէլեան Հինգշաբթի օր նշանակուեցաւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ։
Յարութիւն Սամուէլեան ծնած է 1943ին. ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ։ Ակադեմական ծիրին մէջ, ան Ֆրանսայի «Կրոնոպլ» համալսարանէն վկայուած է իբրեւ առեւտրական գիտութիւններու դոկտոր։ Մոնթրէալի Քէպէք համալսարանէն եւ Այնթուրայի Լիբանանեան-քանատական համալսարանէն վկայուած է առեւտրական գիտութիւններու մագիստրոսի աստիճանով։
Ան Պէյրութի «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանէն [...]
March 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՀԱԼԷՊ.- Նխագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, Ուրբաթ, 27 Փետրուար 2009ի երեկոյեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նուիրուած Սումկայիթի զոհերու յիշատակին, որմէ ետք եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշահանդէս՝ հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն եւ կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց, Նոր սերունդ եւ Թէքէեան մշակութային միութիւններուն։
Յուշահանդէսի բացումը կատարեց հանդիսավար Պերճ Պէքէրեան, [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սփիւռքի նախարարութեան կից ատեանը Ուրբաթ օր գումարեց իր երկրորդ հերթական նիստը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ հայապահպանութեան ու հայադարձութեան, Հայաստան-Սփիւռք կրթա-մշակութային գործակցութեան վերաբերող խնդիրներու:
Ատեանը քննարկեց «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթ հիմնադրելու, սփիւռքահայ երիտասարդներու՝ Հայաստան այցելութիւններու «Արի տուն» ծրագրի, «Մեծարման օր» միջոցառումներու կազմակերպման, «Հայաստան-Սփիւռք» տեսախորհրդաժողովներ կազմակերպելու եւ սփիւռքի գաղթօճախներուն մշակութային կեանքին աջակցութեան ծրագիրները:
Ի թիւս այլ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստուող քաղաքական ուժերուն միջեւ բանակցութիւնները բուռն թափով կը շարունակուին:
Այս բանակցութիւններու ծիրէն ներս, «Ազդակ» կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան «Նաշրա»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ՀՅԴի ներկայացուցիչները հանդիպում մը պիտի ունենան «Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ՝ երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ, անոր փոխանցելու համար իրենց [...]
March 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Կիրակի, 1 Մարտ 2009ի ամբողջ օրը, ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փինկ-փոնկի կազմակերպութեան «USA Table Tennis Organization-USATT»ի հովանաւորութիւնը վայելող փինկ-փոնկի տարեկան մրցաշարքը:
Վեց դասակարգեր ընդգրկող եզակի այս մրցաշարքին մասնակցեցան 80 հայ եւ օտար մարզիկներ՝ Քալիֆորնիոյ զանազան քաղաքներէն: Մրցաշարքի արդիւնքները արձանագրուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փինկ-փոնկի կազմակերպութեան կայքէջին վրայ:
Այս մրցաշարքը նաեւ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
Հովիտի «Համազգային»ի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր մէկ երդիքի տակ համախմբելու իր անդամներն ու շրջանի մշակութասէր հայորդիները, ինչպէս նաեւ միութեան տարիներու բարեկամներն ու բարերարները ու ընկերային յատուկ ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծելով՝ անոնց ներկայացնելու տարեկան իր նոր ծրագիրները, միաժամանակ հրապարակելով իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ամէն առիթով, անսակարկ նեցուկ կանգնած [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բժշկա-ընկերային փորձաքննութեան գործակալութեան պետ Միշա Վանեան Մարտ 27ին լրագրողներուն հաղորդեց, թէ հանրապետութեան մէջ կ’ապրի 170 հազար 950 հաշմանդամ, որոնցմէ 8706ը երեխաներ են: Ան փոխանցեց, թէ վերջին տարիներու վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան, որ 2008ին Հայաստանի մէջ հաշմանդամներուն թիւը աճած է 2806ով՝ համեմատած 2007ի հետ:
Մ. Վանեանի համաձայն նաեւ, 2007ի ցուցանիշներուն համեմատ, 2008ին 1000ով [...]
March 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Մայիս 8-10ի շաբաթավերջը, Կլէնտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ իրաւաբաններու միութեան տարեկան 20րդ հաւաքը, իսկ Մայիս 9ին կայանալիք միութեան ճաշկերոյթին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանը:
Ներկայ պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն եւ Հայաստանէն իրաւագէտներ, դասախօսներ, դատաւորներ, փաստաբաններ եւ ուսանողներ:
Շաբաթավերջին ընթացքին ծրագրուած ձեռնարկներուն ընթացքին բանախօսութիւններ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Կեանքէն եկող դժուարութիւնները յաճախ կ’ընկճեն տառապող հոգիները: Բնական աղէտներ չեն բնականաբար այն դժուարութիւնները, որոնց ակնարկութիւն կը կատարուի այստեղ: Բնական աղէտներու ժամանակ, նոյնիսկ երբ մարդիկ իրենց հարազատները, տունն ու տեղը կորսցնեն, կարծէք մխիթարութիւնն ալ անոր հետ կը ստանան՝ համոզուած ըլլալով, որ կարելի չէ՛ բնութեան դէմ պայքարիլ, կամ համոզել, որ ան փոխէ իր ընթացքը, հեռանայ մարդէն, կամ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Կրնա՞ք բացատրել Հայ օգնութեան միութեան կառոյցը: Կեդրոնական վարչութիւն, Շրջանային վարչութիւն, Ընդհանուր ժողով, Շրջանային ժողով:
ՌԻՄԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- ՀՕՄի կառոյցը ներկայացնելուց առաջ, ուզում եմ անդրադառնալ նրա ծննդեան: Ըստ մեզի հասած արձանագրութիւններին, ՀՕՄը ծնունդ է առել հայ ժողովրդի կարիքներից, 1 Յունուար 1910ին, Արեւելեան ԱՄՆի Նիւ Եորք քաղաքում: Ինչպէս գիտէք, այդ թուականներին ոչ միայն Ամերիկայում, այլ ամբողջ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ Թեմական խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Մարտ 17ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճին մէջ, ի պատիւ Լոս Անճելըսի մէջ պաշտօնավարող Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի: Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ հիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան եւ հիւպատոսութեան անձնակազմի անդամները:
Ներկայ էին նաեւ Վաչէ արք. Յովսէփեան, առաջնորդական ընդհանուր [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Չաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան Մարտ 27ին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին նկատեց, թէ Չաւախքի մէջ անջատողական տրամադրութիւններ չկան եւ Վրաստանի իշխանութիւնները, իբրեւ թէ զսպելով Չաւախքի անջատողականութիւնը՝ պարզապէս կը փորձեն ինքնահաստատուիլ իրենց ժողովուրդին մօտ: Անոնք, ըստ պատգամաւորին, «Չաւախքում «սատանայ են ստեղծում» եւ փորձում են պայքարել դրա դէմ՝ լուծելով ինքնադրսեւորման խնդիր, [...]
March 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Մարտ ամսուն կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն մը դէպի Կեսարիա, իսկ անկէ ալ դէպի Հաթայ-Իսքէնտէրուն, ուր կը գտնուի պատմական Քառասուն Մանկանց եկեղեցին։ Այս տարի կը նշուի եկեղեցւոյ 137ամեակը, որուն առիթով, Պոլսոյ զանազան թաղերէն հաւատացեալներ՝ թիւով մօտաւորապէս 150 հոգի, տէր Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեանի առաջնորդութեամբ, այցելեցին նախ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, [...]
March 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հ.Ք.Ե.
Կիրակի, 22 Մարտին, Ս. Քառասնից Մանկանց տօնին եւ այդ անունով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատոյց եւ իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ բազմութեան՝ կարեւոր նկատելով աղօթքին անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ միջոց վերանորոգութեան։ Սրբազան հօր առընթերակայ էին Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժնմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհն. Երէցեան։ Խորանին [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան Մարտ 27ին հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին լրագրողներուն յայտարարեց, թէ Բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի մշակէ անտառային տնտեսութիւններու անտառակառավարման ծրագիրներ, որոնց հիման վրայ պիտի կատարուին 8-10 տարի տեւող գործողութիւններ, նպատակ ունենալով անտառային վերականգնման, կառավարման ու վերահսկողութեան, բնական վերարտադրման եւ անտառատնկման աշխատանքներ իրականացնել:
Նախարարը ըսաւ, թէ Գորիսի, Գուգարքի, Դսեղի, Լալվարի, Չիլիզայի, Կապանի [...]
March 27th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Աշխատանքային տարազներու համար ամէն օր կրնանք մտահոգուիլ կամ նոյնիսկ չմտահոգուիլ եւ ամէն օր լաւ վիճակով դուրս գալ: Պէտք է ընտրել յարմարը եւ սիրունը, վայելուչը եւ գեղեցիկը: Ուրեմն ամէնօրեայ մեր ցուցակին վրայ նաեւ այս բաժինն ալ գոյութիւն ունի:
Ընդհանրապէս մեր տարազը եւ հոգեվիճակը իրարու ազդող կամ զիրար ամբողջացնող մասնիկներ դարձած են մեր առօրեային մէջ: Այն օրը, [...]
March 27th, 2009
| Posted in Uncategorized | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ Կիրակի, Մարտ 29ին կայանալիք տեղական ընտրութեանց նախօրեակին, թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կը վայելէ քուէարկողներուն 47.9 առ հարիւրին զօրակցութիւնը եւ այդպիսով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը։
Գլխաւոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժը նկատուող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը կը գրաւէ երկրորդ դիրքը՝ վայելելով քուէարկողներուն 23.5 առ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Թրէնտ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Ուրբաթ, Մարտ 27ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ պիտի քննէ նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կարելիութիւնները:
«Շօ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին, Էրտողան նշեց, որ այդ հակամարտութեան լուծումը պիտի նպաստէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքներուն՝ վերացնելով շարք մը դժուարութիւններ:
[...]
March 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ. «Փանորամա».- Ուրբաթ, Մարտ 27ին, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած դժբախտ պատահարի հետեւանքով զոհուած են ժամկետային բանակայիններ՝ կրտսեր ենթասպայ (սըրժընթ) Պարգեւ Սամուէլի Կարապետեան, շարքայիններ Արամ Ռազմիկի Կարապետեան, Արկադի Խաչատուրի Ումերեանեան եւ Հրաչ Սուրէնի Եղեան:
ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ: Մանրամասնութիւնները [...]
March 27th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Կիրակի, Մարտ 1ին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան յարկի ներքոյ տեղի ունեցաւ Խոսրով Ղարախանեանի «Յուշեր եւ Պատմուածքներ» հատորի գինեձօնը, որի մեկենասներն էին տոքթ. Հրաչ եւ Անէթ Եդգարեանները:
Ձեռնարկը կազմակերպուել էր ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Հայաստան-Արցախ յանձնախմբի կողմից:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր ընկհ. Արաքս Դաւթեանը, որը նաեւ Հայաստան-Արցախ յանձնախմբի ատենապետուհին էր:
Ընկհ. Արաքս Դաւթեանը նախ ներկայացրեց արձակագիր գրող Խորէն Արամունին՝ [...]
March 27th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիոն որոշած է ընդունիլ Թուրքիա այցելելու վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի պաշտօնական հրաւէրը՝ Յուլիսին Անգարա այցելելով:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, ֆրանսական կողմը այդ թուականը ընտրած է, որպէսզի Յունիսին տեղի ունենալիք Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան ընդդիմացող շրջանակները այդ այցը քարոզչութեան նիւթ չդարձնեն:
Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման [...]
March 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Մարտ 15ին, ՀԵԴի Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» ուխտին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ նուիրուած Ֆրանսական յեղափոխութեան:
Տարբեր շրջաններէ երիտասարդներ ներկայ էին Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին, որուն բանախօսն էր «Սիթրըս» համալսարանի պատմութեան դասախօս Սենիա Լիւպիսիչ, որ ներկայացնելէ ետք պատմական այս իրադարձութեան կարեւոր դէպքերը՝ կեդրոնացաւ անոր ունեցած հետեւանքներուն վրայ, որոնք էին՝ սահմանադրական [...]
March 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Մարտ 25ին հաղորդուեցաւ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ շահած է այն դատը, զոր բացած էր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդավարական կուսակցութեան Իզմիրի երեսփոխաններէն Ճանան Արըթմանի դէմ։
Քանի մը ամիս առաջ, Ճանան Արըթման պնդած էր, որ նախագահ Կիւլին մայրը հայկական ծագում ունի եւ այս պատճառով էր, որ նախագահը անկողմնակալ կերպով չի շարժիր երկիրը հետաքրքրող կենսական [...]
March 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
Երեքշաբթի, Մարտ ամսուան 3ին, 2009 թուականին տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի արուեստի մրցումը՝ կազմակերպուած Լոս Անճելըսի Ընդհանուր դպրոցական ուսումնական խորհուրդին կողմէ. հոս կ’ուզեմ անդրադառնալ մեր հայ գաղութի եւ մեր աշակերտներու կերտած փայլուն յաղթանակին։
400 դպրոցներէ զատուած 15 մրցանակակիր աշակերտներէն երկու աշակերտներ կը ներկայացնէին Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, 6րդ դասարանէն Անիթա Պապաճանեան եւ առաջին դասարանէն վեցամեայ Նարեկ [...]
March 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ԼՂՀ Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, թէ 26 Մարտին, նախագահ Բակօ Սահակեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ ԼՂՀ Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը, ուր քննարկուեցաւ ԼՂՀի քաղաքացիութեան օրէնքի նախագիծին սկզբունքներն ու հանրապետութեան մէջ անոր կիրառման հարցերը:
March 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
Վերջին ամիսներուն թերթերով եւ պատկերասփիւռով յաճախ կարելի է յայտարարութիւններ տեսնել՝ ճաշարաններու եւ ժամանցի այլ կեդրոններու վաճառքի մասին:
«Ա1 » հեռատեսիլի տեսագրող մը զրոյց ունեցած է Նորքի 2րդ զանգուածի ճաշարանի մը տիրոջ հետ, որ յայտնած է. «Արդէն երեք ամիս է վաճառում եմ 700 քառակուսի մեթր տարածք ունեցող եռայարկ ռեստորանս, սակայն գնորդներ դեռեւս չկան»: Ան ըսած է, [...]
March 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴի Երիտասարդական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, Մարտ 29ին տեղի պիտի ունենայ աննախընթաց գիտաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին շրջանի հայկական երիտասարդական բոլոր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի «Փըսիֆիք» համայնքային կեդրոնին մէջ, իսկ համադրողն է Կլէնտէյլի քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան:
Կ’ակնկալուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին գործող աւելի քան 20 հայկական կազմակերպութեանց մասնակցութիւնը: Կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները [...]
March 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս օրերուն, երբ շատ կը խօսուի Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման մասին, երկու կողմէն ալ լաւատես ենթադրութիւններ առաջ կը քշուին: Այս լաւատես մթնոլորտին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան գործարարութիւնը զարգացնելու միութեան թրքական կողմի համանախագահ Քաան Սոյաք, որ սկիզբէն եղած է թիւ մէկ քաջալերողը Հայաստանի հետ առեւտրական կապեր հաստատելու գաղափարին:
Ան այս անգամ կ’ըսէ, որ Թուրքիան, [...]
March 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց պաշտօնեաներու ժամանակացոյցը, անոնց ճամբորդական ուղեգիրները մենք չենք պատրաստեր, երբեմն կը հասկնանք ճամբորդութիւններու դրդապատճառները, նպատակները, յաճախ ալ անշուշտ անհաղորդ կը մնանք անոնց իսկական առաքելութեան:
Մինսկի խումբի համանախագահ Պրայզայի Կովկաս կատարած վերջին կայծակնային այցելութիւններուն նպատակը կամ նպատակները կարեւոր պէտք է ըլլան: Այդ տպաւորութիւնը թողելու նպատակը գոնէ բացայայտ կը թուի ըլլալ:
Վիեննայի մէջ [...]
March 26th, 2009
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապ տօնին առիթով, այսօր՝ Մարտ 27ին, Հայրապետական հանդիսաւոր թափօրով Մայր տաճար կը բերուին հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները: Մայր աթոռի տեղեկատուական գրասենեակը Մարտ 26ին լրագրողներուն յայտնեց, թէ հաւատացեալները առիթ կ՛ունենան հաղորդակից դառնալու հայոց առաջին հայրապետի լոյս նշխարներէն բաշխուող օրհնութեան եւ պատարագին:
March 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ՆԻՍ.- Երէկ, Լեւոն Արոնեան երկրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ կը խլէ Նիսի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Ամբեր» մրցաշարի ախոյեանութիւնը:
Արոյեան 14 միաւորով տիրացաւ ախոյեանութեան: Հայազգի «գրոս-մայստերը» կոյր ճատրակի մրցաշարին վաստակած էր 7 միաւոր, նոյնքան միաւոր ալ հաւաքած էր արագ ճատրակի խաղերուն: Երկու պարագաներուն ալ, ան արձանագրած էր մրցաշարի լաւագոյն արդիւնքը:
March 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քազաքներու համաշխարհային քոնկրէսի նախագահութեան անդամ, Աթամաններու միջազգային խորհուրդի նախագահի փոխանորդ զօրավար Սերգէյ Մադաթեան Մարտ 26ին տեղեկացուց, թէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակները պիտի մասնակցին Ռուսիա կայանալիք Ուղղափառ քազաք երիտասարդներու համաշխարհային երկրորդ փառատօնին, որ պիտի կայանայ Մայիս 14-17ը՝ Վոլկոկրատի մէջ: Փառատօնին ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան մշակութային միջոցառումներ, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանէն եւ [...]
March 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման բաժինի պետ Կարինէ Սարիբէկեան Մարտ 26ին լրատու գործակալութիւններու յայտնեց, թէ Հայաստանը կը համարուի փոքրաթիւ ծնելիութեան երկիր, որուն հետեւանքով ժողովրդագրական խնդիրները կը դառնան ազգային անվտանգութեան լուրջ հարցեր:
Բարեբախտաբար, վերջին տարիներուն, հաստատած է Կարինէ Սարիբէկեան, կրկին սկսած է նկատուիլ ծնելիութեան բարձրացում, նաեւ 3 եւ աւելի երեխաներ ունեցող [...]
March 26th, 2009
| Posted in Հայաստան | Read More »
ԱՂՈՒԵՐԱՆ.- Կոտայքի մարզի Աղուերան աւանին մէջ իր գումարած նիստին ընթացքին կառավարութիւնը որոշած է 2009ի ծախսերու եռամսեակային համամասնութիւններուն մէջ կատարել փոփոխութիւններ եւ այս պիւտճէական տարեշրջանի 1ին, 2րդ եւ 3րդ եռամսեակներուն նախատեսուած ծախսային մասէն 4րդ եռամսեակ տեղափոխել շուրջ 131 միլիառ դրամ:
Պատճառը, ըստ ֆինանսներու փոխնախարար Պաւել Սաֆարեանի, բաւարար հարկեր չհաւաքելու իրողութիւնն է եւ կառավարութեան նախանձախնդրութիւնը՝ պարտքեր չկուտակելու [...]
March 26th, 2009
| Posted in Լուրեր | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ տարի իմ ստորագրած յօդուածներէս մէկուն մէջ ես Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Իրաքի հայերուն ուշադրութեան յանձնեցի, թէ անոնք եզակի առիթը ունէին Թուրքիոյ մէջ իրենց կալուածներուն համար հատուցում ստանալու։
Չորս կառավարութիւններն ալ, քանի մը տասնամեակ երկարած բանակցութիւններէ ետք, վերջապէս մօտեցած են լուծելու Օսմանեան կայսրութեան փլուզման իբրեւ հետեւանք, իրենց հողային տագնապ յառաջացնող երկկողմանի պահանջներու հարցը։ Թուրքիոյ [...]
March 26th, 2009
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «ԹԻՒՍԻԱՏ»ի )Թուրք ճարտարարգէտներու ու գործարարներու միութիւն) նախագահ Արզուհան Տողան Եալչընտաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային Մարտ 24 թուակիր նամակ մը յղած է՝ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրելով Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ զարգացող երկխօսութեան վրայ։ Նամակէն օրինակներ ղրկուած են նաեւ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի, պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցի ու ազգային ապահովութեան խորհրդական [...]
March 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹՈՐՈՆԹՕ.- Յաջողութեամբ աւարտեցաւ 3 շաբաթներու վրայ երկարող ՀՕՄի Թորոնթոյի Ամէնօրեայ երկրորդական վարժարանի թելեթոնը, որուն յանձնախումբը ուրախութեամբ յայտնեց, թէ «Telethon 2009»ի աշխատանքներուն արդիւնքը գոհացուցիչ էր, եւ շնորհիւ մասնակիցներուն՝ գոյացաւ աւելի քան 320,000 տոլար։ Այս առթիւ, Թելեթոնի յանձնախումբը երախտագիտական խօսքով դիմեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս թելեթոնին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ իրենց նուիրատուութեան եւ քաջալերանքին համար։
[...]
March 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
Ծանօթ է, որ Պոլսոյ հայ համայնքը դէմ յանդիման է պատրիարքի մը, կամ գոնէ աթոռակից պատրիարքի մը ընտրութեան հարցին: Այլեւս յստակ է, որ Մեսրոպ պատրիարքին առողջութիւնը թոյլ չի տար եւ պիտի չտայ, որ ան օր մը վերստին կարենայ այդ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնել: Համայնքը երիտասարդ, զարգացած ու կորովի պատրիարք մը փոխարինելու պարտաւորութեան առջեւ արդար մտահոգութեան տէր է, [...]
March 26th, 2009
| Posted in Սփիւռք | Read More »
ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Մարտ 26ին, Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով սպաննուեցաւ առնուազն 20 հոգի եւ վիրաւորուեցան քանի մը տասնեակ ուրիշներ:
Պայթումը, որ տեղի ունեցած է ընդհանրապէս շիիներով բնակեցուած շրջանի մը շուկային մէջ, այս ամսուան ընթացքին մեծաթիւ զոհեր խլած վեցերորդ յարձակումն է:
Յատկանշական է, որ պայթումէն միայն մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, [...]
March 26th, 2009
| Posted in Միջազգային | Read More »