Home » December 31st, 2009Entries posted on “December, 2009”
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան 2009 տարեշրջանի գործունէութիւնը եզրափակուեցաւ պատմական գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը, որ ամանորեայ լաւագոյն նուէրը հանդիսացաւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին: Այսպէս, Կիրակի, 13 Դեկտեմբեր 2009ի յետ միջօրէին, ՀՄԸՄի Իկըլ Ռաքի Գոլորատօ պողոտայի 2324 հասցէն ժամադրավայրը դարձած էր շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անդամ-անդամուհիներուն, վարչական կազմերուն, մարզական խումբերուն, մեծ թիւով արի-արենոյշներուն, պատկան մարմիններու եւ [...]
December 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Ասպարէզ»ի այս թիւը թղթատարին պիտի յանձնենք Նոր Տարիէն առաջ, բայց եւ ան պիտի դառնայ Նոր Տարուան առաջին թիւը, որ պիտի մտնէ ձեր օճախէն ներս:
December 31st, 2009
| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առիթով Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի Զինուած ուժերի Գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այցելած է երկրի պաշտպանական դիրքեր:
December 31st, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Թեհրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութիւնը կոչով մը դիմած է իրանահայութեան, նամակներ յղել Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին, անոր փոխանցելով հայ-թրքական արձանագրութիւններու հակասահմանադրականութիւնը հաստատելու ակնկալութիւնը:
December 31st, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
«2009ը հայ ժողովուրդի համար, քաղաքական առումով, ամենալարուած տարիներու շարքին կարելի է դասել. ազգի համար մտահոգութիւններով ու ճակատագրական պահերով լեցուն տարի մը, որ, ի հարկէ, բնական շարունակութիւնը կարելի է համարել առնուազն երկու նախորդ տարիներուն», ըսուած է «Եւրոպայի հայերու համագումար»ի ամանորեայ ուղերձին մէջ:
December 31st, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Վրաստանի նախագահի խորհրդական Վան Բայբուրդ «Արմէնփրէս»ի տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ վրացական իշխանութիւնները մտադիր են «բացի վրաց ուղղափառ եկեղեցուց, այլ եկեղեցիներին՝ հայ առաքելական եկեղեցուն, հրէական, մուսուլմանական եկեղեցուն, իրաւական կարգավիճակ շնորհել»:
December 31st, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, ամփոփելով 2009ի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան զարգացումները, յայտնած է, որ «Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ Թուրքիա բարեկամական օղակ պիտի ստեղծէ»:
December 31st, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Ստորեւ կը հրատարակենք ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէութեան «Ապարաժ» պաշտօնաթերթի խմբագրականը, որու արծարծած հարցը այս նոր տարուան մեր ազգային օրակարգի առաջնահերթ խնդիներէն մէկը պէտք է դառնայ:
December 31st, 2009
| Posted in Խմբագրական, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 31st, 2009
| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »
«Ձեր գանձը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն…» (Մատթ. 6. 19):
Այս պատկերաւոր բացատրութեամբ Քրիստոս իր հետեւորդներուն կը յիշեցնէ որ նիւթեղէն ու ժամանակաւոր արժէքներով լեցուն գանձը ժանգ պիտի կապէ ու փճանայ
December 31st, 2009
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Առաջին կարեւոր հաստատագրումը, որ այսօր կարող ենք անել դա այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կառավարման համակարգում լիարժէքօրէն գործում է եւս մէկ նախարարութիւն , որ կոչւում է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն։
December 31st, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յունուարի 1ը Հայաստանում բնակուող մի խումբ մարդկանց համար ամենեւին էլ նոր տարուայ սկիզբ չէ: Խօսքը Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւնների մասին է, ովքեր Ամանորը նշում են ոչ Դեկտեմբերի 31ի գիշերը:
December 31st, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Մխիթարեան Վարժարանի աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ սկսան 2009 տարեշրջանի Դեկտեմբեր ամիսը, մանաւանդ փոքրերը, երբ անոնց դասերուն կողքին աւելցան Կաղանդ Պապային վերաբերեալ արտասանութիւններ եւ երգեր։
December 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի շքեղ սրահին մէջ հաւաքոյթ ունէինք այդ օր՝ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2009ին։
December 31st, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Նոր տարուան առիթով՝ Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Հայր Խորէն Յովհաննիսեան, ճեմարանի խումբ մը սաներու հետ այցելած է Կալկաթայի հայկական ծերանոց, որ ունի 13 բնակիչ։ Ճեմարանականները իրենց զուարթ երգերով ուրախացուցած են տարեցները՝ անոնց յանձնելով նուէրներ, իսկ Հայր Խորէնը շնորհաւորած է զանոնք եւ հաւաստիացուցած,, որ «ես՝ ոչ միայն իբրեւ Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, այլ իբրեւ զաւակ, միշտ ձեր կողքին պիտի ըլլամ»։
December 31st, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »
Ըստ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան տարածքային, տնտեսական զարգացման եւ զբօսաշրջիկութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանի, Սքանտինաւեան երկիրներու մէջ սկսած է Հայաստանի մասին պատմող «Նոյի երկիրը» (The land of Noah) վաւերագրական շարժապատկերին ցուցադրութիւնը: Սպանական TVE (Televisiցn Espanola) հեռատեսիլի ալիքը եւս՝ իր 450 միլիոն լսարանի համար՝
December 31st, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Այս գիշեր դարձեալ թիւ մը պիտի փոխուի օրացոյցին վրայ։ Ինչպէս՝ անցեալ տարի։ Ինչպէս՝ նախընթաց տարի։ Ինչպէս՝ քսան տարի առաջ կամ հազար տարի առաջ։ Թիւ մը պիտի փոխուի օրացոյցին վրայ։ Տիեզերքի մէջ ապրող բոլոր մարդոց համար հին թիւը պիտի մեծնայ մէկ թիւով։ Ինչպէս միշտ։ Բայց մինչեւ ե՞րբ։
December 31st, 2009
| Posted in Կիզակէտ, Մշակոյթ, Յօդուածներ | Read More »
Յիսուսի աստուածային բնութենէն բացի, զինք բոլոր միւս կրօններու ուսուցիչներէն տարբերողը, նաեւ իր մտածողութեան, իր ուսուցած վարդապետութեան բերած մեծ յեղափոխութիւնն էր:
December 31st, 2009
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Շատ դիւրին ու պարզ ձեւերով կարելի է երեխային ուղեղին աշխատանքը զարգացնել:
Երեխային ուղեղը ծնած ատեն կը պարունակէ 100 միլիառ նիւրոններ: Ան իր կեանքի առաջին տարիներու ընթացքին հազարաւոր միլիառներով ուղեղային բջիջներու կապեր պիտի հաստատէ, որոնք կը կոչուին neural synapses.
December 31st, 2009
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց արեւելեան Երուսաղէմի մէջ 700 նոր յարկաբաժիններ կառուցելու որոշումին վերաբերեալ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Իսրայէլի կոչ ուղղեց՝ վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը եւ ձեռնպահ մնալու պաղեստինեան բռնագրաւուած հողամասերուն մէջ այսպիսի արարքներէ։
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Ըստ ՀՀ ՊՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները Դեկտեմբեր 29ին այցելած են Խարբերդի որբանոց, ուր ապրող փոքրիկները իրենց համար պատրաստած էին երգեր ու պարեր: Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ռազմական կցորդները՝ նոր տարուան առիթով փոքրիկներուն յանձնած են նուէրներ:
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գծով 2009ի գործընթացը, ըստ ՀՀ ԳԱ ակադեմիոյ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանի ոչ միայն շարունակուած է, այլ ունեցած է բազմաթիւ նորութիւններ։
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու դատարանին ներկայացուած միջնորդութեան իբրեւ արդիւնք՝ Դեկտեմբեր 30ին կայացած դռնփակ նիստի ընթացքին՝ ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան (ԲՆ) աշխատակազմի բնապահպանական պետական տեսչութեան պետ Տիգրան Գրիգորեանի եւ պետի տեղակալ Արսէն Պետրոսեանի հանդէպ՝ իբրեւ խափանման միջոց կիրառուած է երկամսեայ կալանք։
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 29ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, խօսելով տարուայ յաջողութիւններուն մասին՝ անդրադարձած է նաեւ հանրապետութեան մէջ իրականացած շինարարութեան աննախադէպ ծաւալին մասին
December 30th, 2009
| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը «ՀԿՀ» զեկուցում է, որ շնորհել է $16,500 Րիչարդ Ր. Թուֆէնքեան կրթաթօշակներ արժանի աշակերտներին, որոնք յաճախում են Միացեալ Նահանգների, Հայաստանի ու Արցախի համալսարանները: Կրթաթօշակների հիմնադրամը ստեղծուել է 1990 թուին Րալֆ եւ Սավի Թուֆէնքեանների միջոցով՝ իրենց որդու յիշատակին: 1991 թուից ի վեր, ՀԿՀը շնորհել է $244,000 Թուֆէնքեան կրթաթօշակներ հարիւրաւոր աշակերտներին:
December 30th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Ազգային առաջնորդարանի տարիներու բարի աւանդութեանց շարքին է առաջնորդ սրբազան հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքը։
December 30th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Յաջորդական չորրորդ տարին ըլլալով, ՀՅԴ Պըրպանքի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութիւնը լոյս կ՛ընծայէ օրացոյց-գրքոյկ մը (planner), որու իւրաքանչիւր շաբթուան էջը կ՛ընդգրկէ գեղեցիկ լուսանկար մը: Այս տարուան լուսանկարները կու գան æաւախքէն եւ տրամադրուած են անոնց հեղինակներուն՝ Յովան Թաշճեանին եւ Թամար Եարտըմեանի կողմէ:
December 30th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Շաբաթ, Յունուար 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, թեմի Երիտասարդաց խմբակներու Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան խրախճանքը տեղի պիտի ունենայ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է թեմի Երիտասարդական միութեանց Վարիչ մարմինին կողմէ։
December 30th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցին, Դեկտեմբեր 25ի եւ 26ի երեկոյեան, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է հայրենի «Ամբերդ» պարախումբի եւ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցի միացեալ ելոյթը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութեան, որուն թիւը շուրջ 1500 եղած է։
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Շուտով Փարաջանովի եւ Տովժենքոյի գլուխգործոցները հնարաւոր կը դառնան դիտել նոր որակով՝ շնորհիւ Տովժենքոյի անուան շարժապատկերի սթիւտիոյէն ներս բացուած ժապաւէններու թուային վերականգնումի բաժնին:
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Ըստ «Սապահ»ի, Դեկտեմբեր 29ին, խումբ մը թուրք մտաւորականներ նամակով մը դիմած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին, խնդրելով որ ան ներում շնորհէ Իսքէնտէրունցի Սարգիս Հացպանեանին, որ 3.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է Հայաստանի մէջ։
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Հայաստանի Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպսկ. Չուլճեան եւս իր թեկնածութիւնը դրած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական ընտրութեան համար։
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի Բ. փառատօնի համերգներուն շրջագիծէն ներս, Շաբաթ Դեկտեմբեր 26ի երեկոյեան, Պէյրութի «Սենթ Էլի» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Համազգայինի «Կարկա»չ մանկապատանեկան երգչախումբի՝ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած «Ուրախ հնչիւններ» թեման կրող երկրորդ համերգը՝ ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, հայ թէ օտար արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու։
December 30th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »
69 տարի առաջ, 1940ի Դեկտեմբեր 29ին, Երկրորդ Աշխարհամարտի թոհուբոհով կլանուած Փարիզի մէջ, համազգային յուղարկաւորութեամբ եւ քաղաքական հանդիսաւորութեամբ օտարութեան ցուրտ հողին յանձնուեցաւ վահագնատիպ, այլ յոգնաբեկ ու անկենդան մարմինը հայ ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներէն Արշակ Ջամալեանի։
December 30th, 2009
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Ամէն տարեփոխութեան սեմին գնացող տարուայ անցուդարձն ենք քննարկում եւ մեր հայեացքը դէպի առաջ գալիքի համար ծրագրեր ենք մշակում, յոյսեր ենք փայփայում իրականացած տեսնելու մեր ցանկութիւնները՝ հայրենական, ազգային-հասարակական, ընտանեկան, ընկերային եւ աշխատանքային կեանքին առընչուող:
December 30th, 2009
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Ստորեւ կը հրատարակենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի ամանորեան ուղերձը՝ Արցախի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան:
December 30th, 2009
| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »
Ներկայացուցիչներու Տան անդամ, հանրապետական Ճորճ Ռատոնովիչ, որ միշտ նեցուկ կանգնած է Քոնկրեսի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերուն եւ որ գործօն կերպով աջակցած է կեդրոնական հովիտի շրջանի հայութեան խնդիրներու լուծման աշխատանքներուն, անցեալ Երեքշաբթի օր յայտարարած է, որ իր պաշտօնավարութեան այս շրջանի աւարտին պիտի հեռանայ Քոնկրեսէն ու հանգստեան կոչուի:
December 30th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի Սրբոց թարգմանչաց վանքի տեսուչ հայր Ղեւոնդ աբեղայ Յովհաննիսեանի վկայութեամբ՝ դարձեալ ընդհարուած են Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան վանքի հայ եւ յոյն հոգեւորականները։ Նոյն աղբիւրի հաւաստումով, յոյն հոգեւորականները, ոստիկաններու օգնութեամբ, փորձած են հայերը դուրս բերել վանքի հայկական հատուածէն։
Արարատեան հայրապետական թեմի հոգեւորական Տէր Շմաւոն քահանայ Ղեւոնդեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, դէպքը յոյներու հերթական սադրանքն է:
December 30th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ատրպէյճանի նախագահի նախկին խորհրդատու, քաղաքագէտ Վաֆա Գուլիզադէի հաւաստումով 2009ը չափազանց ծանր տարի Էր Ատրպէյճանի համար, մանաւանդ երբ հաշուի կ՛առնուի այն փաստը, որ վատացած են անոր յարաբերութիւնները ԱՄՆի եւ Արեւմուտքի երկիրներուն հետ:
December 30th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Ըստ Ռուսիոյ կառավարական մամուլի ծառայութեան, Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Տմիթրի Մետւետեւին կողմէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղուած ամանորեան ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է
December 30th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների նորմալացումը բնական եւ անհրաժեշտ նպատակ է, սակայն դէպի այդ լաւ նպատակը տանող ուղին, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանը բռնեց հայ-թուրքական արձանագրութիւնների ստորագրմամբ, կը խարխլի Հայաստանի ազգային շահերը
December 30th, 2009
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Ամերիկացի իրաւաբան Աթան Ցիմփէտ Քոլոմպիա շրջանի դատարանին մէջ հայց ներկայացուցած է ընդդէմ թրքական պետութեան՝ յանուն բազում տուժողներու չորս հարիւր միլիառ տոլարի հատուցում պահանջելով անկէ, ամերիկեան զէնքերով Կիպրոսի մէջ մարդկային իրաւունքներ բռնաբարած ըլլալուն համար:
December 30th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անջատ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճիմ Ճոնզի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթաքիի հետ։
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
- «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ժողովրդավարականացման նախաձեռնութեան եւ փոխվարչապետ Արընճի ահաբեկման վարկածներուն հետ հրապարակ եկած «հաստատութեանց միջեւ բախումի» շուրջ իր գնահատականները տուած է
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
«Կլոպըլ փինք ալըրթ» կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտական ապահովական ուժեր Երեքշաբթի օր կէսօրուան ժամը 12ին, Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան շրջափակին մէջ, Միացեալ Նահանգներու 25 քաղաքացիներ ձերբակալած են։
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Ամփոփելով անցնող տարին՝ Դեկտեմբեր 29ին քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան յայտարարած է, թէ շինարարութեան համար պետական պիւտճէէն յատկացուած գումարները թէեւ կրճատուած էին 50-55 տոկոսով, սակայն աղէտի գօտիին մէջ բնակարանաշինութեան ծրագրերը չեն տուժած:
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ես իմ կողմից աւելացնեմ՝ Հայաստանի ամբողջականութեան կորուստ: Վերոյիշեալ վերնագիրը պատկանում է հմուտ եւ շրջահայեաց մեր ազգին եւ մշակոյթին նուիրուած կամաւոր զինուոր պարոն Գուբելեանին: Ցանկանում եմ, որ իր գրիչը առաւել ստեղծագործ լինի ու անդադար հոսի:
December 29th, 2009
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Դեկտեմբեր 21ին, «Ֆերահեան» վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցչուհի՝ Ազատուհի Ղազարեանին, այցելեցին «Ասպարէզ»-«Հորիզոն» հաստատութեան շէնքը եւ հանդիպեցան անձնակազմի անդամներուն:
December 29th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի առաջին դասարանի աշակերտները կը սպասեն Կաղանդ Պապային անհամբերութեամբ, մինչ իրենց մանկական վառ երեւակայութեամբ կը նկարագրեն կաղանդ պապան իրենց բառերով ու խօսքերով։
December 29th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Փոքր Հայաստան | Read More »
Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային Վարչութիւնը այսու կը յայտարարեն, թէ ուսումնական յառաջիկայ տարեշրջանին համար, դիմումնագիրներ պիտի ընդունի «Յարութ Պարսամեան Հաշմանդամ Հայ Ուսանողներու Կրթաթոշակ»ին համար։
Հիմնադրամը հաստատուած է Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի կողմէ, աջակցելու համար ֆիզիքական թերութիւն ունեցող հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին բարձրագոյն ուսման տիրանալ Միացեալ Նահանգներու որեւէ վարկաւորուած համալսարանի կամ [...]
December 29th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
»–«Հայերն Այսօր».- «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը (ԸԽ) «Սոգլասիէ» փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) գնած է հիւրանոցա-գրասենեակային նախագիծի 50 % բաժնեմասը։
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Յունուար 25էն Փետրուար 4, Նարինէ Մկրտչեանի եւ Արսէն Ազատեանի «Անառակ որդու վերադարձը» շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Թեհրանի «Ֆաճր» 28րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնին:
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Եգիպտոսի թեմը աւելի Պատրիարքարան է, քան թեմ, որովհետեւ անիկա միակն է Ափրիկէի: Ըստ թեմի առաջնորդ, Աշոտ եպս. Մնացականեանի, ներկայիս Գահիրէի եւ Ալեքսանտրիոյ մէջ շուրջ 3 հազար հայ կը բնակի: Հայեր կան Սուտանի, Եթովպիոյ եւ Հարաւ-ափրիկեան հանրապետութիւններուն մէջ: «Եթովպական համայնքի կազմութեան պատմութիւնը հետաքրքրական է
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »
Նախնադարուն, անոնք որոնք կը նախընտրէին հանգիստ կեանքը, եղան ագարակապաններ, իսկ անոնք որոնք արկածախնդիրներ էին եղան որսորդներ եւ նախընտրեցին թափառական կեանքը: Մինչեւ հիմա մարդկային ցեղը բաժնուած կը մնայ երկու գլխաւոր տեսակներու՝ ագարակապաններու եւ որսորդներու:
December 29th, 2009
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Դեկտեմբեր 29ին Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Անդրէյ Նեստերենկօ յայտնած է, թէ Ռուսիան ու Վրաստանը սկսած են ծանուցագրեր փոխանակել «Վերին Լարս» սահմանային անցակէտի բացման վերաբերեալ:
December 29th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Վերջին շրջանին Հայաստանի իրաւապահ մարմինները յաջորդական բացայայտումներով ու ձերբակալութիւններով կը փորձեն ժողովուրդին հաւատացնել, որ լուրջ պայքար ձեռնարկած են արմատախիլ ընելու կաշառակաերութիւնը:
December 29th, 2009
| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը 2009ի ընթացքին ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ ոչ մէկ յստակ ձեռքբերում չի տեսներ:
Խօսելով բանակցային գործընթացի մասին, վարչապետը յայտնած է, որ Ղարաբաղը պաշտօնապէս չի մասնակցիր կարգաւորման գործընթացին, թէեւ տեղեակ է թէ ինչ կը կատարուի բանակցութիւններու սեղանին շուրջ:
December 29th, 2009
| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Վեսթի»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք յաջողած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Հայաստանի հետ դիրքորոշումները մերձեցնել, նշած է, թէ որոշ հարցերու մէջ դիրքորոշումները կը մօտենան, իսկ այլ հարցերու մէջ՝ ոչ։
December 29th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Հայ առաքելական համայնքի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով յառաջիկայ Յունուար 6, 2010ը Լիբանանի մէջ պիտի ըլլայ պաշտօնական արձակուրդի օր։
December 29th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Յոյն փաստաբան Դիմիտրիս Գելդիսը Թուրքիոյ պետութենէն հատուցում պիտի պահանջէ Պոլիսէն հարկադրաբար արտագաղթած յոյներու ձգած անշարժ գոյքի եւ այլ ունեցուածքի դիմաց:
December 29th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
ԼՂՀ ազգային ժողովի Դեկտեմբեր 29ին, իր արտահերթ նիստին ընթացքին, հաստատած է ԼՂՀ 2010ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որուն վերաբերեալ, նոյն օրը, մամլոյ ասուլիս տուած է վարչապետ Արա Յարութիւնեան։
December 29th, 2009
| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի «Հայաստան 2009. խոստում եւ իրականութիւն» վերնագրով տարեկան երկրորդ զեկոյցի ներկայացման ընթացքին՝ ելեւմտական նախկին նախարար Լեւոն Բարխուդարեան յայտնած է, թէ տասնվեց տոկոս տնտեսական անկման պայմաններու մէջ համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճի 2008ի մակարդակին լաւագոյն պարագային պիտի հասնինք 2012ին, վատագոյն պարագային՝ 2015ին:
Իր հերթին նախկին ԱԳ նախարար Վարդան Օսկանեան խօսած է հայ- թրքական յարաբերութիւններու [...]
December 29th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ստորեւ տրուած հարցազրոյցը լոյս տեսած է Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Հարցազրոյցին մէջ թուրք այլախոհ մտաւորական, «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու «Սթրասլըր» կեդրոնի տնօրէն Թաներ Աքչամ կ՛անդրադառնայ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն։
December 28th, 2009
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Իրանեան ոստիկանութիւնը Երկուշաբթի օր արցունքաբեր կազ արձակած է բարեկարգչական ղեկավար Միրհոսէյն Մուսաւիի համակիրներուն վրայ, որոնք հաւաքուած էին իրենց ցաւակցութիւնը յայտնելու կառավարութեան դէմ ցոյցի մը ընթացքին անոր զարմիկին սպանութեան համար։
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Թրքական «hassondak?ka» կայքէջին տուած տեղեկութիւններով՝ Թուրքիոյ մէջ գտնուող Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի հանդիպման ընթացքին նախատեսուած երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձաբար մուտքի արտօնագիրներու վերացման փաստաթուղթի ստորագրումը տեղի չէ ունեցած:
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Հանրապետութեան գլխաւոր համաճարակաբան Արա Ասոյեանի հաւաստումով՝ Հայաստանի մէջ նուազած է կրիփով, մասնաւորապէս «խոզի կրիփ»ով հիւանդներուն թիւը։ Ըստ անոր գնահատման առողջապահական համակարգը կրցած է տարուան ընթացքին լաւ աշխատելով մեղմացնել յատկապէս վերջին ամիսներուն բաւական շեշտուած համաճարակային վիճակը:
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
2009ին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը իր տարեվերջի ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է անցեալ տարուան ընթացքին իրականացուցած ծրագիրներուն, որոնցմէ առանձնացուցած է այլ պետութիւններու տարածքին մէջ գտնուող ազգային մշակութային արժէքներու յայտնաբերման եւ անոնց վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն ձեռք բերելու աշխատանքները։
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԼՂՀ առողջապահութեան նախարարութեան տուած տեղեկութիւններուն համաձայն հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է «խոզի կրիփ»ի 4 դէպք՝ երկու երեխայ եւ երկու մեծահասակ:
December 28th, 2009
| Posted in Արցախ, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան մթնոլորտի պահպանման վարչութեան տուեալներով՝ գործողութեան մէջ է Կիոտոյի արձանագրութեան ծիրէն ներս գործող «Նուբարաշէնի կոշտ կենցաղային թափօնների աղբավայրից կենսագազի օգտահանման» ծրագրի առաջին փուլը:
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Համագործակցութեամբ Հայաստանի կառավարութեան, ԱՄՆ Միջազգային գործակալութեան, «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր» հիմնադրամի եւ «Մայքրոսոֆթ Ար Էյ» ընկերութեան, Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ (ՀՊՃՀ) Դեկտեմբեր 28ին ստորագրուած է Հայաստանի մէջ «Մայքրոսոֆթ»ի նորարարական կեդրոն հիմնելու վերաբերեալ յուշագիր:
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱՄՆի Անգարայի ու Երեւանի Դեսպանատուներու հովանաւորութեամբ եւ Թուրք-Հայ Գործարարներու Զարգացման խորհուրդի նախաձեռնութեամբ ցուցադրուած է «Արաքսի ափերուն վրայ» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն բեմադրիչներն են Գէորգ Նազարեան ու Սէրտար Տինլէր։ Շարժապատկերի բոլոր մարզերէն ներս գործակցած են թուրք եւ հայ անուններ։
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »
Դեկտեմբեր 24ին, Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանէն «Մարմարա» օրաթերթը ստացած է Խմբագրապետ՝ Ռ. Հատտէճեանի ուղղեալ նամակ մը
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային, Սփիւռք | Read More »
ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Անդրադարձ 2009 Տարուայ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Աշխատանքներուն
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան Ընդհանուր Վարիչ մարմինը նախ իր շնորհակալական խօսքը կ՛ուղղէ ՀՅԴ Պատանեկան բոլոր միութիւններու վարիչներուն, վարիչ օգնականներուն, պատասխանատու ընկեր-ուհիներուն, որոնք իրենց ժամանակը կը տրամադրեն եւ իրենց վստահած բոլոր աշխատանքները ամենայն վստահութեամբ կ՛իրականացնեն, որուն շնորհիւ է որ կ՛ունենաք յաջող ու արդիւնաւէտ տարի մը:
Ինչպէս նաեւ մեր ծնողներուն, որոնք գիտակցելով [...]
December 28th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Փայլուն զինուորական, ճարտասան եւ գաղափարախօս Գարեգին Նժդեհ, բուն անունով Գարեգին Տէր Յարութիւնեան, ծնած է «Արազի ափին», Նախիջեւանի Կզնութ գիւղը, 1886ին:
December 28th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Դեկտեմբեր 25ի տարեվերջեան ամփոփիչ ասուլիսին ընթացքին՝ ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ալմաստի վերամշակման ոլորտի զարգացման նպատակով բանակցութիւններ կը վարէ ռուս գործընկերներու հետ՝ 100 միլիոն ԱՄՆ տոլարի լրացուցիչ վարկ ստանալու համար:
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
».- Ըստ «Ատրպէյճանի ականներու դէմ արշաւի հասարակական միութեան» (ԱՆԱՄԱ) նախագահ Հաֆիզ Սեֆիխանով յայտարարած է, որ ղարաբաղեան պատերազմի սկիզբէն ի վեր ականներու պատճառով վնասուած է մօտ 3 հազար մարդ:
December 28th, 2009
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Փասատինայի Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3ի կէսօրին, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ 40 անդամ-անդամուհիներու եւ հիւրերու, ներկայ էին նաեւ Կեդրոնական վարչութեան եւ Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ:
December 28th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտական հիմնադրամը անհրաժեշտ նիւթերով հարստացնելու նպատակով՝ 2009ին «ՀԲԸՄ Լոս Անճելըսի Երիտասարդ արհեստավարժներ»ու միութիւնը իր հանգանակած գումարը փոխանցած է թանգարանին, որուն շնորհիւ թանգարանը ձեռք բերած է շուրջ 150 արժէքաւոր թանգարանային միաւորներ, ներառեալ 75 հազուագիւտ սկզբնաղբիւրային գրականութիւն, որոնց 30ը՝ եզակի նշանակութեան, հնատիպ հրատարակութիւններ են:
December 28th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Ինչպէս ծանօթ է, Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Շաբաթ երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ եկեղեցական արարողութիւն։ Շաբաթ, Յունուար 2ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կիրակմուտքի ժամերգութիւն պիտի մատուցուի մատրան մէջ
December 28th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Անկախ մեր կամքէն, տօնական օրերու արձակուրդի մթնոլորտն է, որ իր տրամաբանութիւնը կը պարտադրէ յառաջիկայ օրերու մեր ընելիքները ճշդելու քննարկումներուն:
December 28th, 2009
| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »
Դեկտեմբեր 25ին հանդիպելով լրագրողներու հետ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, թէ Սահմանադրական դատարանի նախագահին հետ հանդիպման մը ընթացքին՝ ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ներկայացուցած է այն փաստարկները, որոնք, Դաշնակցականներուն կարծիքով, հիմք կը հանդիսանան հայ-թրքական արձանագրութիւնները ոչ սահմանադրական ճանչնալու համար:
December 28th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ըստ «Analitika.at.ua»ին՝ Ուքրանիոյ Խարկովի շրջանի Իզիւմի քաղաքական խորհուրդը, քննարկած եւ միաձայն հաստատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող Իզիւմի հայկական համայնքի վարչութեան ղեկավար Նիկոլայ Ադիխանեանի ուղերձը:
December 28th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Թրքական «Sabah» թերթի յայտնի վերլուծաբան Օմեր Թաշփընար անդրադարձած է հայ-թրքական արձանագրութիւններու ներկայի եւ յետագայ հաւանական զարգացումներուն, անոնց վաւերացման ներկայ գործընթացը գնահատած է իբրեւ մահաքունի մէջ մտած վիճակ:
December 28th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին մէջ, անցեալ Շաբաթ օր, իր մահկանացուն կնքեց զօրավար Դրաստամատ Կանայանի որդին, հասարակական գործիչ եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ Մարտիկ Կանայանը:
Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ Մարտիկ Կանայեան ծնած էր Ռումանիա, 1938ին:
December 28th, 2009
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային, Պատկերաւոր Լուրեր, Սփիւռք | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 24th, 2009
| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »
Դեկտեմբեր 24ին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման մը ընթացքին՝ Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, գրող, հրապարակախօս, Ալվարդ Պետրոսեան խօսած է հանրապետութեան 2009ի կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն մասին:
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը դարձեալ պարտաւորուած է յայտարարութեամբ հանդէս գալու եւ բացայայտելու ատրպեճանական մամուլի կողմէ հերիւրուած կեղծիքները.
Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն յայտարարութիւնը.
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Վրաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Բակուր Կը Վեզերելիի հրամանով՝ արգիլուած է հայկական գիւղական մթերքի, բայց յատկապէս խաղողի վաճառքը, պատճառաբանելով, որ անիկա կը խանգարէ տեղական խաղողին վաճառքը:
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՀՀ ԱԺ «ժառանգութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Լարիսա Ալաւերդեան դիմած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին՝ առաջարկելով 2010 Յունուար 13-19 կազմակերպել միջազգային հնչեղութեամբ ձեռնարկներ՝ նուիրուած Պաքուի հայերու ջարդի 20ամեակին:
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի կառավարութիւնը իր պահուստային դրամագլուխէն 2 միլիոն 680 հազար եւ 2 միլիոն դրամ պիտի տրամադրէ Կարէն Դէմիրճեանի «Գրառումներ օրագրից» եւ Սօս Սարգսեանի
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 23ին կայացաւ «Armhotels» առցանց ամրագրման համակարգին շնորհանդէսը։ Առցանց վաճառք իրականացնելու համար՝ համակարգը նպատակ ունի համախմբել Հայաստանի զբօսաշրջիկային շարք մը ծառայութիւններ։
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«VIVA cell» հեռաձայնային բաց բաժնետիրական ընկերութեան աջակցութեամբ՝ Երեւանի մէջ կայացած է դասական երաժշտութեան երեկոյ մը, որուն ընթացքին նշուած է Յ. Չէքիջեանի 81 ամեայ յոբելեանը։
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Այս է մարմինը, որ յանձնուած է սիրուն,
Այս է արիւնը որ թռւռում է ժիր երակներում:
Աչքս լոյս տօն է,
December 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Tele-Culture 24 Ժամեայ Միջազգային Հեռատեսիլի կայանը կազմակերպած է «2009 ՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ», կատարողութեամբ «Կիլիկիա» սիմֆոնիք նուագախումբին, ղեկավարութեամբ աշխարհահռչակ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի,
December 24th, 2009
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 18ին, ՀԵԴ Պըրպենքի «Վարագ» եւ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտերէն անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան æաւախք հիմնադրամի յանձնախումբին դրամահաւաքի աշխատանքներուն:
December 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն ստացած ենք «Ասպարէզ»ի ընտանիքի անդամներու Նոր Տարիոն շնորհաւորող նամակ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ: Մենք ալ մեր կարգին կը շնորհաւորենք նախարարի ու նախարարութեան լրիւ անձնակազմի Նոր Տարին եւ սուրբ Ծնունդը, մաղթելով, որ Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացման մասին այլեւս խօսելու կարիք չըլլայ, այլ արդէն գործերով ամէն օր կենսագործուի այդ գաղափարը:
December 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը, յաղթական տարի մը եւս արձանագրեց եւ այսօր, սրտի մեծ գոհունակութեամբ հրաժեշտ կու տայ 2009 տարեշրջանին, մեծ ակնկալութիւններով կը դիմաւոէ նոր տարին:
December 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Ամէն տարի, Նոր Տարուայ եւ Սբ. Ծննդեան հոգեպարար տօների առիթով, «Շամլեան» Ազգ. Վարժարանի բարձր դասարանների աշակերտները այցելում են Միշըն Հիլզ քաղաքում գտնուող «Արարատ» տարեցների տունը եւ իրենց պատրաստած գեղարուեստական ծրագրով տօնական բարձր տրամադրութիւն են ստեղծում այնտեղ բնակուող մեր պապիկների ու տատիկների համար:
December 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 17ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Կլենտէյլի նոր ոստիկանապետ Ռան տէ Փոմփայի այցելութիւնը։ Ոստիկանապետին կ՛ընկերանար անոր տեղակալներէն Իըն Կրայմզ
December 24th, 2009
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »