Home » February 26th, 2010Entries posted on “February, 2010”

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com

February 26th, 2010

| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »

22 Տարի Ետք՝ Տակաւին 1200 Փախստական Ընտանիք Կը Մնայ Առանց Բնակարանի

22 Տարի Ետք՝ Տակաւին 1200 Փախստական Ընտանիք Կը Մնայ Առանց Բնակարանի

Հայաստանի տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականութեան գործակալութեան պետ Գագիկ Եգանեան, Փետրուար 26ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, թէ 1988ի Սումկայիթի ջարդերէն ետք Հայաստան ապաստանած 360 հազար փախստականներէն 1200 կարիքաւոր ընտանիք տակաւին կը սպասէ իր բնակարանի վկայագրին:

February 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կրթութեան Նախարարութեան Եւ «Հայ Դատ» Հիմնադրամին Միջեւ՝ Յուշագիր

Կրթութեան Նախարարութեան Եւ «Հայ Դատ» Հիմնադրամին Միջեւ՝ Յուշագիր

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան (ԿԳՆ) եւ «Հայ Դատ» հիմնադրամի միջեւ, Փետրուար 26ին ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր, որուն նպատակն է իրականացնել «Արժեւորենք անցած ուղին, ճանաչենք զմեզ» ծրագիրը:

February 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Սովորական Ցեղասպանութիւն» Շարժապատկերի Շարքէն Երկրորդը Պիտի Ցուցադրուի Փետրուար 28ին

«Սովորական Ցեղասպանութիւն» Շարժապատկերի Շարքէն Երկրորդը Պիտի Ցուցադրուի Փետրուար 28ին

«Սովորական Ցեղասպանութիւն. Սումկայիթ. 1988, Փետրուար» վաւերագրական շարժապատկերը Փետրուար 28ին՝ Սումկայիթի ջարդերու 22րդ տարելիցին օրը, պիտի ցուցադրուի Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի «Հ1» կայանէն, որ պիտի ներկայացնէ միայն կարճ տարբերակը: Շարժապատկերին ամբողջական տարբերակին ցուցադրումը պիտի կատարուի Մարտի աւարտին:

February 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայ-Սուրիական Գործարար Համաժողով Հալէպի Մէջ

Հայ-Սուրիական Գործարար Համաժողով Հալէպի Մէջ

Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, Մարտ 22-23 պիտի իրականանայ հայ-սուրիական գործարար համաժողով մը: Նոյն օրերուն, ըստ համաժողովի կազմակերպիչ Հայաստանի հանրապետութեան առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի լրատուական ծառայութեան ղեկավար Վրէժ Սարուխանեանին, պիտի կայանայ նաեւ Հայ-սուրիական գործարար խորհուրդին նիստը:

February 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պերլինի Հայ Համայնքին Երգչախումբը Կը Մասնակցի «Մշակոյթներու Երկխօսութիւն» Նախագիծին

Պերլինի Հայ Համայնքին Երգչախումբը Կը Մասնակցի «Մշակոյթներու Երկխօսութիւն» Նախագիծին

Մարտ 1ին, Պերլինի երաժշտական սրահին մէջ պիտի կայանայ տեղի Հայ եկեղեցական եւ մշակութային համայնքի նորաստեղծ երգչախումբին համերգը:

February 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

ՄԵՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ- ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ՇԱՄԼԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԱՆՈՅՇ ՇԱՄԼԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ՄԵՐ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ- ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ՇԱՄԼԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ՎԱՀԱՆ ԵՒ ԱՆՈՅՇ ՇԱՄԼԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի մասին «Ասպարէզ» յաճախ տեղեկագրութիւններ կը հրատարակէ

February 26th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Աւանդական Արարողութիւն

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Աւանդական Արարողութիւն

Շաբաթ, Փետրուար 13ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն կատարուեցաւ Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախատօնակին հանդիսապետեց եւ իր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը։

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Առաջնորդը Հանդիսապետեց Արեւագալի Առաջին Արարողութեան

Առաջնորդը Հանդիսապետեց Արեւագալի Առաջին Արարողութեան

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի առաջին արարողութեան։ Ժամերգութեան ներկայ եղան «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի աշակերտները։ Առաջնորդ սրբազանը աշակերտներուն խօսեցաւ մեծ պահոց մասին։

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Նայիրի Նահապետեանի Ընտրապայքարը Արդէն 100,000 Տոլար Գոյացուցած Է

Նայիրի Նահապետեանի Ընտրապայքարը Արդէն 100,000 Տոլար Գոյացուցած Է

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած Նայիրի Նահապետեանի ընտրապայքարի պատասխանատուները կը տեղեկացնեն, թէ դրամահաւաքի առաջին չորս շաբաթներուն արդէն իսկ կարելի եղած է գոյացնել 100,000 տոլար գումար մը:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Կլենտէյլի Համազգայնականները Կը Հանդիպին Բանաստեղծ Ալիսիա Կիրակոսեանի Հետ

Կլենտէյլի Համազգայնականները Կը Հանդիպին Բանաստեղծ Ալիսիա Կիրակոսեանի Հետ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուարին, Կլենտէյլի երիտասարդական կեդրոնին մէջ իրենց հերթական նիստի ընթացքին, Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ խումբ մը միութենականներ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան շրջանիս մէջ բնակող բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի հետ:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Թանքեանի Նոր Գործը Հրապարակ Պիտի Իջնէ Մարտ 9ին

Թանքեանի Նոր Գործը Հրապարակ Պիտի Իջնէ Մարտ 9ին

Ինչպէս հաղորդած էինք անցեալ տարի, Մարտ 16ին, Սերժ Թանգեան իր «Elect the Dead» գործին ներկայացման համաշխարհային շրջապտոյտին ընթացքին, Նիւ Զելանտայի մէջ արտասովոր ելոյթ մը ունեցած էր Օքլընտի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ: Այդ ելոյթը, որ արձանագրուած էր վեց տարբեր անկիւններէ, իբրեւ CD եւ DVD հրապարակ պիտի իջնէ յառաջիկայ Մարտ 9ին, առիթ ընծայելով բոլոր անոնց, որոնք ներկայ չէին Օքլընտի ելոյթին, դիտելու եւ ունկնդրելու այդ իւրայատուկ ելոյթը:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Համազգային»ի Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղը Կ՛ընտրէ Իր Նոր Վարչութիւնը

«Համազգային»ի Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղը Կ՛ընտրէ Իր Նոր Վարչութիւնը

Համազգային հայ մշակութային միութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի 2009-2010 տարեշրջանի Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2010ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, «Սարոյեան» հայ կեդրոնի գրադարանին մէջ, ներկայութեամբ 24 անդամ-անդամուհիներու:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեանի Նուիրուած Ցերեկոյթ

Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեանի Նուիրուած Ցերեկոյթ

Կիրակի, Մարտ 7ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն, Կ. Պոլսոյ նախկին պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեանի հոգիի խաղաղութեան համար, անոր վախճանման քսանամեակին առիթով։
Հոգեհանգիստը խնդրած են եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը եւ գաղութիս մէջ գործող Պոլսահայերու միութիւնը։ Հոգեհանգստեան պաշ-տօնէն ետք տեղի պիտի ունենայ յոյշ ցերեկոյթ:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Գրական Հանդիպում

Գրական Հանդիպում

Քալիֆորնիայի հայ գրողների միութեան յաջորդ գրական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մարտի 4ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard St, Glendale, CA 91205), երեկոյեան ժամի 5էն սկսեալ:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԷՆՍԻՆՕ- Կարօ Ռուբէնին Նուիրուած Հայ Տարեցներու Ճաշկերոյթը

ԷՆՍԻՆՕ- Կարօ Ռուբէնին Նուիրուած Հայ Տարեցներու Ճաշկերոյթը

Շաբաթ, Յունուար 30ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 57 անդամներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի ամսական ճաշկերոյթը, որ նուիրուած էր Կարօ Ռուբէնի յիշատակին: Ճաշը հովանաւորած էր հանգուցեալ Կարօ Ռուբէնը, սակայն անողոք մահը զայն ճաշկերոյթէն չորս օր առաջ խլեց, որուն իբրեւ հետեւանք, անոր հովանաւորած ճաշը վերածուեցաւ անոր հոգեճաշին:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ծրագրի Տարեկան Ճաշկերոյթը՝ Մարտ 21ին

Ֆրեզնոյի Հայագիտական Ծրագրի Տարեկան Ճաշկերոյթը՝ Մարտ 21ին

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագրի տարեկան 22րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 21ին, Ֆրեզնոյի «Ֆորթ Ուաշինկթըն» ակումբին մէջ:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցւոյ Ճաշկերոյթը

Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցւոյ Ճաշկերոյթը

Լոս Անճելըսի Հայ աւետարանական միացեալ եկեղեցւոյ Երիտասարդ կանանց խմբակը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան 25րդ ճաշկերոյթ-հագուստներու ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 6ին, կ.ա. ժամը 11էն սկսեալ, Պըրպենքի «Քեսթըուէյ» ճաշարանին մէջ (1250 Harvard Rd.): Օրուան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ դոկտ. Էնն Սարաֆեանը:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Խաչիկ Ճանոյեան Կը Պարգեւատրուի

Խաչիկ Ճանոյեան Կը Պարգեւատրուի

Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու միութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան վերջերս յատուկ պատուագիր մը ստացած է Հայաստանի կառավարութեան սփիւռքի նախարարութենէն, անոր եւ միութեան հայրենաշէն գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելուն համար:

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Խոջալուի Դէպքերուն Մասին Հայ Փորձագէտին Դասախօսութիւնը Պըրքլիի Մէջ

Խոջալուի Դէպքերուն Մասին Հայ Փորձագէտին Դասախօսութիւնը Պըրքլիի Մէջ

«Panorama.am» կը տեղեկացնէ, թէ Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան, Պըրքլիի համալսարանին մէջ տրուած դասախօսութեամբ մը անդրադարձած է Ատրպէյճանի հակահայկական քարոզչութեան, որուն առանցքը դարձած են Խոջալուի դէպքերը

February 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Այսօր Մարժա, Վաղը Քանտահար

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Այսօր Մարժա, Վաղը Քանտահար

Անցեալ տարուան ընթացքին Աֆղանիստան յաւելեալ ուժ ղրկելու նախագահ Օպամայի խնդրահարոյց որոշումին ազդեցութիւնը երկու շաբաթ առաջ սկսաւ զգացուիլ հարաւային Աֆղանիստանի մէջ, ուր ամերիկեան եւ աֆղան ուժերը միացեալ գործողութեան մը սկսան, իրենց հակակշռին տակ առնելու համար թալեպաններու Մարժա քաղաքը:

February 26th, 2010

| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ- Մեծագոյն Առաքինութիւնը

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ- Մեծագոյն Առաքինութիւնը

Եկեղեցւոյ հայրեր կազմած են արդէն առաքինութիւններու եւ մոլութիւններու ցուցակը, որ քրիստոնեայ մարդուն կեանքը հակակշռի տակ կ՛առնէ, ու կը զսպանակէ անոր անսանձելի ամէն զգացում: Քրիստոնեայ մարդուն կողմնացոյցը եւ հաւատքի ճանապարհին մէջ անոր ուղղութիւն տուողը Քրիստոս ի՛նք է: Ան կրնայ լուսաւորել միտքերը, բանալ սիրտերը, թափանցել մարդոց խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ մեղմել անոնց վրիժառութեան ձգտումները:

February 26th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Կիներու Առողջութեան Վերաբերեալ Հիմնական Մտահոգութիւններ (Գ)

Կիներու Առողջութեան Վերաբերեալ Հիմնական Մտահոգութիւններ (Գ)

Նախորդ երկու շաբաթներու թիւերով մենք անդրադարձանք կանանց մօտ յաճախակի կերպով զարգացող հիւանդութիւններու՝ սրտի անհանգստութիւններու եւ քաղցկեղի, զորս կարելի է շուտ անդրադառնալով կամ կանխարգիլման միջոցներով սանձել։

February 26th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ- Դամբանական Խօսք՝ Դաշնակցական Ընկեր՝ Կարօ Ռուբէնի Շիրիմին Առջեւ

ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ- Դամբանական Խօսք՝ Դաշնակցական  Ընկեր՝ Կարօ Ռուբէնի Շիրիմին Առջեւ

Սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ ընկերներ,
Հաւաքուած ենք վերջին հրաժեշտը տալու սիրելի Ընկեր Կարօ Ռուբէնին, որ անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով մեզմէ բաժնուեցաւ քանի մը օր առաջ, եւ իր կանուխ մեկնումով, բոլորս մատնեց խոր սուգի։

February 26th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ- Թուրքերը Աւելի Լաւ Հասկցած Են Հայ Դատը Քան ՀՀ Իշխանութիւնները

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ- Թուրքերը Աւելի Լաւ Հասկցած Են Հայ Դատը Քան ՀՀ Իշխանութիւնները

Բաւարար է վերջին շրջանին մօտէն հետեւիլ թրքական մամուլին, տեսնելու համար որ թրքական քաղաքական շրջանակներն ու մամուլը ինչպէ՞ս կ՛ընկալեն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հեռանկարը եւ մանաւանդ՝ հայկական հարցը, կամ՝ Հայ Դատը։

February 26th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

Բարե՛ւ Ֆրեզնօ

Բարե՛ւ Ֆրեզնօ

Արդէն չորրորդ շաբաթն է, որ «Ասպարէզ»ի երկլեզու Շաբաթ օրուան թիւը նոյն օրը կը հասնի Ֆրեզնօ եւ անվճար կը բաշխուի շրջանի հայկական հաստատութիւններուն ու խանութներուն մէ

February 26th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

Պըրպենքի Երիտասարդական Նոր Կեդրոնին Համար Կը Հանգանակուի 780,000 Տոլար

Պըրպենքի Երիտասարդական Նոր Կեդրոնին Համար Կը Հանգանակուի 780,000 Տոլար

Կիրակի, 21 Փետրուարին, Պըրպենքի Հայ մշակութային հիմնարկութեան Երիտասարդական կեդրոնի ծրագրի իրականացման հզօր հիմքերը դրուեցան:

February 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սփիւռք | Read More »

Քլինթըն Ուղղակի Չընդդիմանար Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Քլինթըն Ուղղակի Չընդդիմանար Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Խախտելով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն յստակօրէն ընդդիմանալու ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարներու աւանդութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Հինգշաբթի, Փետրուար 25ին, Քոնկրեսի երկու յանձնախումբերու առջեւ վկայութեանց ընթացքին ուղղակիօրէն դէմ չարտայայտուեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին:

February 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային, Սփիւռք | Read More »

Փալոն Կը Նշէ Սումկայիթի արդերուն 23րդ Տարելիցը

Փալոն Կը Նշէ Սումկայիթի արդերուն 23րդ Տարելիցը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ եւ Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, Ներկայացուցիչներու տան մէջ պաշտօնապէս նշեց Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ 1988ին տեղի ունեցած հայերու «ողբերգական» ջարդին 18րդ տարելիցը:

February 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Անգարա Բաւարարուած Չէ Երեւանի Երաշխիքներով

Անգարա Բաւարարուած Չէ Երեւանի Երաշխիքներով

Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, «Հիւրրիյէթ» թերթին համացանցային կայքը, իր տեղեկութիւնները թրքական դիւանագիտական աղբիւրներէ քաղելով՝ կը տեղեկացնէ, թէ Անգարա բաւարարուած չէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին նկատմամբ՝ Երեւանի տրամադրած երաշխիքներով:

February 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը՝ CBS-ի «60 Minutes»-էն

Հայկական Ցեղասպանութեան Հարցը՝ CBS-ի «60 Minutes»-էն

Կիրակի, Փետրուար 28ին, ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի «60 Minutes» ծրագիրէն պիտի ցուցադրուի հատուած մը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, որուն մէջ յայտագիրի հաղորդավար Պապ Սայմըն եւ Ցեղասպանութեան առնչուող հատորներու հեղինակ Փիթըր Պալաքեան միասնաբար կ՛այցելեն Տէր Զօր եւ լուսարձակի տակ կ՛առնեն Ցեղասպանութենէն վերապրողներու պատմութիւնները:

February 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Եւ Հայ-Թրքական Արձանագրութիւնները Ինչպէ՞ս Կ՛առնչուին

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Եւ Հայ-Թրքական Արձանագրութիւնները Ինչպէ՞ս Կ՛առնչուին

«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մէկ Հարցումով դիմեցինք՝ Հայ Դատի գործիչ, իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեանին. հարցումը՝

February 26th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

ԶԱՐԿԵՐԱԿ- ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

ԶԱՐԿԵՐԱԿ- ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ

120ամեայ ՀՅ Դաշնակցութեան Հիմնադիրները
Քրիստափոր, Ռոստոմ, Զաւարեան. մեր բոլորին ծանօթ Հայ Յեղափոխակա Դաշնակցութեան հիմնադիրները:
Իւրաքանչիւրը արտակարգ նկարագրով, բայց զիրար ամբողջացնող տարբեր բնաւորութեամբ, գաղափարական ու կազմակերպչական վսեմ յատկանիշներով, յեղափոխականին վայել հերոսութեամբ, բնութեան իւրայատուկ խիզախութեամբ ու համարձակութեամբ, որոնք դարձան ՀՅԴ հիմնադրութեան երեք մեծ սիւները: Թէեւ իրարմէ տարբեր, այս երեք ընկերները, մեծ հիմնադիրները կազմած են անփոխարինելի միութիւն մը՝ դառնալով կուսակցութեան [...]

February 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԼՂՀ ԱԳՆ Կը Մերկացնէ Խոջալուի Վերաբերեալ Ատրպեճանական Կեղծիքը

ԼՂՀ ԱԳՆ Կը Մերկացնէ Խոջալուի Վերաբերեալ Ատրպեճանական Կեղծիքը

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը մերկացուին Խոջալուի իրադարձութիւններու վերաբերեալ ատրպեճանական կեղծիքները: Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն հաղորդագրութիւնը.

February 25th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սարգսեան-Տաւութօղլու Կը Քննեն ԼՂ Հարցը Եւ Արձանագրութիւնները

Սարգսեան-Տաւութօղլու Կը Քննեն ԼՂ Հարցը Եւ Արձանագրութիւնները

Հինգշաբթի Փետրուար 25ին, Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի երդման արարողութեան մասնակցելու համար Քիեւ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:

February 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Ամերիկացի Դեսպանը Կ՛անդրադառնայ Կարսի Պայմանագրին

Ամերիկացի Դեսպանը Կ՛անդրադառնայ Կարսի Պայմանագրին

«Սապահ» թերթին հետ անցեալ շաբթուան ընթացքին իր կատարած հարցազրոյցին մէջ, որուն մէկ մասին անդրադարձած էինք արդէն, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրի, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին ու Ցեղասպանութեան հարցին կապակցութեամբ հետեւեալ նշումը կատարած է՝ պատասխանելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեանց գծով Հայաստանի Սահմանադրական ատեանին որոշումին մասին հարցումի մը.

February 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Առաջնորդի Տնօրինում

Առաջնորդի Տնօրինում

Սիրելի Հաւատացեալ Հայորդիներ,
Արդէն գիտէք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2010 տարին ձօնած է Հայ Կնոջ, եւ այդ առիթով հրատարակած է Հայրապետական յատուկ պատգամ մը։

February 25th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

Հայկական Բանաձեւի Դէմ Բողոքելու Կոչ՝ Ամերիկայի Թուրքերուն

Հայկական Բանաձեւի Դէմ Բողոքելու Կոչ՝ Ամերիկայի Թուրքերուն

Թուրք-Ամերիկեան միութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Քայա Պոզթեփէ կոչ ըրաւ ամերիկաբնակ թուրքերուն, որպէսզի աւելի ազդու կերպով հակազդեն Քոնկրեսին ներկայացուցած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին։ Ան կոչ ըրաւ, որ բոլոր թուրքերը բողոքեն 1915ի դէպքերը «ցեղասպանութիւն» որակող բանաձեւին դէմ։

February 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Պատերազմի Սպառնալիքով Հանդէս Կու Գայ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Պատերազմի Սպառնալիքով Հանդէս Կու Գայ

«1news.az» կայքէջին համաձայն, Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Գաբրիէլ Քելլըրի հետ հանդիպման ընթացքին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ յայտարարած է, որ «Եթէ Հայաստանը չազատէ մեր տարածքները, Հարաւային Կովկասի մէջ մեծ պատերազմը անխուսափելի է»։

February 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հնդկաստան Կը Հասնի

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հնդկաստան Կը Հասնի

Արամ Ա. կաթողիկոսը, ընդառաջելով Հնդկաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պասիլիոս Մար Թոմա Տիտիմոս Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին՝

February 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Թուրքիա Թիւ 252 Բաaնաձեւին ԴԷմ Դնելու Համար Պատուիրակութիւն Կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն

Թուրքիա Թիւ 252 Բաaնաձեւին ԴԷմ Դնելու Համար Պատուիրակութիւն Կ՛ուղարկէ Ուաշինկթըն

Թրքական »Սապահ« օրաթերթը Չորեքշաբթի, Փետրուար 24ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին օրակարգ բերուելիք Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին

February 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Միջազգային Համաձայնագիրներու Օրինագիծի Փոփոխութիւնը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Միջազգային Համաձայնագիրներու Օրինագիծի Փոփոխութիւնը

Ազգային ժողովը, Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին, առաջին ընթերցումով քննարկեց միջազգային պայմանագիրներու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու օրինագիծը, որուն մէջ կը նշուի, թէ մինչեւ անոնց ուժի մէջ մտնելը՝ ստորագրուած միջազգային պայմանագիրները կրնան դադրեցուիլ:

February 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Վրայ Յաւելեալ Ճնշում Կը Բանեցնէ Իրանի Հարցով

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Վրայ Յաւելեալ  Ճնշում Կը Բանեցնէ Իրանի Հարցով

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը, անդրադառնալով Իրանի հիւլէական ծրագիրին հետ կապուած հարցերուն՝ կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու հարցին մէջ Թուրքիոյ վրայ յաւելեալ ճնշումներ կը բանեցնէ։

February 24th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Կոյր Օրէնք

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Կոյր Օրէնք

Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հարցը մէկ օրուան ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետին վրայ նետուած կօշիկէն հասաւ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեան, որ Երեքշաբթի օր սկսաւ քննել Ուաշինկթընի կողմէ «ահաբեկչական» որակուած այդ կուսակցութիւնը ներկայացնող «Մարդասիրական օրէնքի ծրագիր» կազմակերպութեան կողմէ՝ ամերիկեան կառավարութան դէմ բացուած դատը

February 24th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային, Յօդուածներ | Read More »

Դատախազութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի Նկատմամբ Համաներում Կը Նախատեսէ

Դատախազութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի Նկատմամբ Համաներում Կը Նախատեսէ

Անդրադառնալով «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանի հանդէպ համաներում կիրառելու հարցին՝ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը Փետրուար 24ին լրագրողներու յայտնած է, թէ համաներումը կը տարածուի նախօրօք նշանակուած պատիժին չկիրառուած մասին վրայ, որ կը սահմանուի վերջնական, օրինական ուժի մէջ մտած դատավճիռով:

February 24th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Նիւ Եորք «Թայմզ» Հրապարակին Վրայ

Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Նիւ Եորք «Թայմզ» Հրապարակին Վրայ

Յաջորդական 25րդ տարին ըլլալով, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, որուն համար իբրեւ խորագիր ընտրուած է հետեւեալը. «Թուրքիան է հարցումը, իսկ Ամերիկան՝ պատասխանը»:

February 24th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Հանրագիտարանի Արժէքով Գիրք Մը

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Հանրագիտարանի Արժէքով Գիրք Մը

«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» )Հեղինակ՝ Հրաչ Տասնապետեան, Խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան(

February 24th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Մշակոյթ | Read More »

ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Միացեալ Յայտարարութիւն Ցեղասպանութեան 95րդ Տարելիցի Առիթով

ՍԴՀԿ-ՀՅԴ-ՌԱԿ Միացեալ Յայտարարութիւն Ցեղասպանութեան 95րդ Տարելիցի Առիթով

Ապրիլ 24, 2010ին կը լրանայ Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցը:
Հայ ժողովուրդին եւ մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած ոճրագործութեան հետեւանքները այսօր ալ կը յամենան։ Արդարութիւնը տակաւին չէ յաղթանակած։

February 24th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Յիշենք Եւ Վերյիշենք

Յիշենք Եւ Վերյիշենք

Այս վերյիշումին առիթը՝ Սարգիս Պօղոսեանն է: Զուսպ ու ժուժկալ մարդ մըն էր Սարգիսը, որ երբ մահուան մօտիկ զգաց ինքզինք, մտածեց իր ունեցուածքին ճիշդ բաշխումով իմաստաւորել իր կեանքը, իր աշխատանքը:

February 24th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

Հայաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկուին

Հայաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկուին

Թրքական «Թաքա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հուսամետտին æինտորուք քննադատած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցին մէջ Անգարայի որդեգրած ներկայ քաղաքականութիւնը:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Նոր Ճակատ Բանալու Կոչ

Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Նոր Ճակատ Բանալու Կոչ

Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կանիրա Փաշաեւա յայտարարեց, թէ Պաքուի իշխանութիւնները պէտք է դիմեն «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Ատրպէյճանի բարեկամներուն», որպէսզի անոնք դէմ դնեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին՝ զայն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն վնասակար նկատելով:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Թրքական Մամուլէն Ամփոփ Լուրեր

Թրքական Մամուլէն Ամփոփ Լուրեր

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընճ անդրադարձած է «լախտ»ի հարցով վերջին ձերբակալութեանց եւ յայտնած, որ «Ժամանակները փոխուած են։ Բաներ, զորս անցեալին չէինք կրնար նոյնիսկ երազել, ներկայիս կը պատահին։ Ներկայիս տարբեր ժամանակաշրջանի մէջ կ՛ապրինք։ Թուրքիա կը բնականոնանայ»։

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Խոջալուի Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ՝ Ատրպեճանական Կեղծիքները Բացայայտող Նախագիծ

Խոջալուի Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ՝ Ատրպեճանական Կեղծիքները Բացայայտող Նախագիծ

Փետրուար 24ին, Երեւանի «Congress» հիւրանոցին մէջ տեղի պիտի ունենայ Xocali.net նոր նախագիծին շնորհահանդէսը՝ նուիրուած Խոջալուի դէպքերուն մասին կատարուած կեղծ քարոզչական գործունէութեան: «Աննախադէպ կեղծիքների եւ փաստերի աղաւաղման ժամանակագրութիւն» նախագիծը պիտի ներկայացուի «Այլատեացութեան կանխարգելման նախաձեռնութեան» կողմէ։

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

300 Դպրոց Եւս Կ՛օժտուի Համացանցային Կապով

300 Դպրոց Եւս Կ՛օժտուի Համացանցային Կապով

Հանդիպելով լրագրողներու հետ, Փետրուար 23ին, «Կրթական տեխնոլոգիաների ազգային կենտրոն»ի (ԿՏԱԿ) տնօրէն Արեգ Գրիգորեան յայտնեց. «Հայաստանի դպրոցների ինթaըրնեթային (համացանցային) ցանցին այս տարի, պետական պիւտճէի յատկացումների հիման վրայ, կը միանայ եւս 300 հանրակրթական հաստատութիւն»։

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

156 Արդիւնաբերական Ընկերութիւններու Արտադրանքի Ծաւալները Աւելցած Են

156 Արդիւնաբերական Ընկերութիւններու Արտադրանքի Ծաւալները Աւելցած Են

Փետրուար 23ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի տնտեսական նախարարութեան արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ Հայկ Միրզոյեան յայտնեց, թէ նախարարութեան կողմէ իրականացուած համակարգումի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք, 2010ի Յունուարին, Հայաստանի 156 արդիւնաբերական ընկերութիւններու արտադրանքի ծաւալները աւելցած են, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Միլանի Ցուցահանդէսին Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Գրգռած Է Ատրպէյճանը

Միլանի Ցուցահանդէսին Ղարաբաղի Մասնակցութիւնը Գրգռած Է Ատրպէյճանը

Միլանի մէջ կայացած Զբօսաշրջութեան միջազգային ցուցահանդէսին Արցախի մասնակցութեան մասին տեղեկատուութիւնը կը շարունակէ մնալ ատրպեճանական զանգուածային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կը Շարունակուի Տօնավաճառներու Աշխատակիցներուն Բողոքը

Կը Շարունակուի Տօնավաճառներու Աշխատակիցներուն Բողոքը

5րդ օրը ըլլալով, Փետրուար 22ին կառավարութեան շէնքին դիմաց կրկին հաւաքուած էին մանրածախ առեւտրական կեդրոններու աշխատակիցներ:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բնական Կազի Նոր Սակագինը Կ՛որոշուի Փետրուար 26ին

Բնական Կազի Նոր Սակագինը Կ՛որոշուի Փետրուար 26ին

Ըստ սպառողներու միութեան նախագահ Արմէն Պօղոսեանի, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը «Հայռուսկազարդ»ին առաջարկած է 1 խ/մ կազի համար 132 դրամ սահմանել՝ 136 դրամի փոխարէն: Ա. Պօղոսեան յայտնած է, թէ Փետրուար 26ին յանձնաժողովը վերջակէտ պիտի դնէ այդ հարցին:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայ Դատը Մարդահամարի Արշաւին Համար Գումարներ Կը Յանձնէ Տեղական Կազմակերպութեանց

Հայ Դատը Մարդահամարի Արշաւին Համար Գումարներ Կը Յանձնէ Տեղական Կազմակերպութեանց

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2010ի մարդահամարին առիթով նախաձեռնած իր արշաւին՝ «ANCensus 2010»ի ծիրէն ներս, գումարներ յանձնած է տեղական շարք մը կազմակերպութեանց, մարդահամարի կարեւորութեան պատգամին տարածումը աւելի ազդու կերպով իրականացնելու եւ հայութեան մասնակցութիւնը կարելի եղածին չափ ամբողջական դարձնելու նպատակով:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Հորիզոն»ի 180 Ծրագրի Հիւրն Է ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Վիգէն Յովսէփեան

«Հորիզոն»ի 180 Ծրագրի Հիւրն Է ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Վիգէն Յովսէփեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան Չորեքշաբթի, 24 Փետրուարին, հիւրը պիտի ըլլայ «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի 180 ծրագրին: Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի հետ ուղղակի եթերով հանդիպումը պիտի սկսի ժամը 8:20ին: Հետեւեցէք այս ծրագրին:

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Անի Սերեպրաքեան Վանքուվըրի Մէջ Պիտի Մրցի Փետրուար 24ին Եւ 26ին

Անի Սերեպրաքեան Վանքուվըրի Մէջ Պիտի Մրցի Փետրուար 24ին Եւ 26ին

Ինչպէս հաղորդած ենք, Վանքուվըրի մէջ կայացող Ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի ազգային խումբին մաս կը կազմեն չորս մարզիկներ, որոնցմէ մէկն է հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Նովաթօ քաղաքի բնակիչ Անի Սերեպրաքեանը:

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Սուրբ Անդրէաս Հայց. Եկեղեցիին Բարեսիրական Նպաստները

Սուրբ Անդրէաս Հայց. Եկեղեցիին Բարեսիրական Նպաստները

Սանթա Քլարա հովիտի Քուփըրթինոյի Ս. Անդրէաս Հայց. եկեղեցին, հոգեւոր հովիւ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ, կը շարունակէ իր բարեսիրական օժանդակութիւնները:
Եկեղեցին 2009ին կատարած է հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Աշակերտը Կը Պարգեւատրուի

Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Աշակերտը Կը Պարգեւատրուի

Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի 11րդ կարգի աշակերտներէն Հայկ Տէր Ղեւոնդեան, պաշտօնապէս գնահատուեցաւ Երեքշաբթի, 9 Փետրուարին, Վերակացուներու յանձնաժողովի հանդիպման ընթացքին։ Հայկը, իբրեւ մասնակից ձեւական դատարանի «Mock Trail» մրցանքին, դատակազմին կողմէ որակուեցաւ եւ պարգեւատրուեցաւ իբրեւ՝ «outstanding bailiff».

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Ալէք Փիլիպոս»ի Աշակերտները Խլեցին Բազմաթիւ Մետալներ Academic Decathlon-ին

«Ալէք Փիլիպոս»ի Աշակերտները Խլեցին Բազմաթիւ Մետալներ Academic Decathlon-ին

Ռոզ եւ ԱլԷք Փիլիպոս ազգային վարժարանը 1997 թուականէն ի վեր շարունակական ձեւով կը մասնակցի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Սեփական դպրոցներու Academic Decathlon-ին։

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Նուիրուած ՀԵԴի Դաստիարակչական Արշաւը

Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Նուիրուած ՀԵԴի Դաստիարակչական Արշաւը

Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան նահանգներուն մէջ գործող ՀԵԴի ուխտերուն անդամները, Քոնկրեսին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու համար տարուող աշխատանքներուն նոր թափ տալու նպատակով, նախաձեռնած են դաստիարակչական արշաւի մը՝ «Teachathon 252»ին:

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Ալէք Փիլիպոս»ի Աշակերտութիւնը Կ՛օժանդակէ Հայիթիի Աղէտեալներուն

«Ալէք Փիլիպոս»ի Աշակերտութիւնը Կ՛օժանդակէ Հայիթիի Աղէտեալներուն

Երկուշաբթի, 8 Փետրուարի երեկոյեան, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի աշակերտութեան ներկայացուցիչներ այցելեցին ՀՕՄի կեդրոնը եւ գեղեցիկ անակնկալ մը մատուցեցին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Լոս Անճելըսի Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին Հայաստանը Լաւապէս Ներկայացուեցաւ

Լոս Անճելըսի Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին Հայաստանը Լաւապէս Ներկայացուեցաւ

«Լոս Անճելըս թայմզ» օրաթերթի ճամբորդական տարեկան ցուցահանդէսին՝ «Los Angeles Times Travel and Adventures Show»ին, առաջին անգամ ըլլալով մասնակցող Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները Շաբաթ եւ Կիրակի, Փետրուար 13-14ին շատ լաւ տպաւորութիւն ձգած են ցուցահանդէսին մասնակիցներուն վրայ:

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայաստանէն Վիրաբոյժներ Փորձառական Շրջան Պիտի Անցնեն Լոս Անճելըսի Մէջ

Հայաստանէն Վիրաբոյժներ Փորձառական Շրջան Պիտի Անցնեն Լոս Անճելըսի Մէջ

Լոս Անճելըս հաստատուած «World Children’s Transplant Fund» ոչ շահաբեր կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, յառաջիկային Լոս Անճելըս պիտի ժամանեն Հայաստանէն երկու վիրաբոյժներ, վեցամսեայ փորձառական շրջան մը անցնելու համար Լոս Անճելըս գաւառի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի միացեալ հիւանդանոցին մէջ:

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Արարատ Տան Արեւմտեան Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի Նոր Վարչութիւնը

Արարատ Տան Արեւմտեան Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղի Նոր Վարչութիւնը

Չորեքշաբթի, Յունուար 20ին կայացած Արարատ տան Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ճաշկերոյթին ընթացքին ներկայացուեցան նոր վարչութեան անդամները

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Ալէք Փիլիպոս» Վարժարանի 5րդ Դասարանի Աշակերտները Կ՛այցելեն «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»

«Ալէք Փիլիպոս» Վարժարանի 5րդ Դասարանի Աշակերտները Կ՛այցելեն «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»

Անցեալ Չորեքշաբթի օր, «Ասպարէզ»-«Հորզոն»ի շէնքը դարձեալ յաւելեալ աշխուժութեամբ ու պատանեկան ձայներով շէնցաւ:

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Անխուսափելի Նահանջ

Անխուսափելի Նահանջ

Մեր ազգային կենսագրութեան մէջ կան անհատներ, որոնք իրենց պատմական առաքելութեամբ ու դերակատարութեամբ դուրս են ժամանակից, վեր՝ սեփական կուսակցական սահմաններից ու իրենց աննահանջ տեղն են ապահովել ազգայինի ու պետականի տիրոյթներում:

February 23rd, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

Ըստ Սեմնեպիի՝ Արցախի Կացութիւնը Չի Կրնար Այսպէս Շարունակուիլ

Ըստ Սեմնեպիի՝ Արցախի Կացութիւնը Չի Կրնար Այսպէս Շարունակուիլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին Ատրպէյճան ժամանած Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Ատրպէյճան-Եւրոմիութիւն յարաբերութեանց եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին:

February 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Թուրք Նախկին Դեսպանը Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Վաւերացումը Հաւանական Կը Նկատէ

Թուրք Նախկին Դեսպանը Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Վաւերացումը Հաւանական Կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Ֆարուք Լոկօղլու «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ եթէ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները փակուղի մտնեն, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերը յաւելեալ աշխատանք պիտի տանեն Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու նպատակով:

February 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Ազգային Ժողովը Կը Քննէ Փրոթոքոլի Դադրեցման Առնչուող Օրինագիծը

Ազգային Ժողովը Կը Քննէ Փրոթոքոլի Դադրեցման Առնչուող Օրինագիծը

Ազգային ժողովը Երեքշաբթի օր առաջին ընթերցմամբ քննարկեց միջազգային պայմանագրերու մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու օրինագիծը, որ իր նոր բանաձեւումով հնարաւորութիւն կու տայ մինչեւ ուժի մէջ մտնելը ստորագրուած պայմանագրերը դադրեցնել: Այս օրինագիծը ուղղակիօրէն կ՛առնչուի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն:

February 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արամ Կաթողիկոս Հնդկաստան Կ՛այցելէ

Արամ Կաթողիկոս Հնդկաստան Կ՛այցելէ

Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընդառաջելով Հնդկաստանի Ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ պետ Պասիլիոս Մարթոմա Տիտիմոս Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին՝ մեկնեցաւ Հնդկաստան: Վեհափառ հայրապետը անցնող տարիներուն բազմիցս հրաւէր ստացած էր թէ՛ Հնդկաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ թէ երկրի այլ եկեղեցիներուն կողմէ, սակայն առիթը չէր ունեցած այցելութիւն կատարելու:

February 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

ՀՅԴն Մշակած Է Իր Առաջարկները՝ Կազի Գինին Վերաբերեալ

ՀՅԴն Մշակած Է Իր Առաջարկները՝ Կազի Գինին Վերաբերեալ

Ներկայացնելով կազի գինի բարձրացման ազդեցութիւնները մեղմացնելու համար խմբակցութեան կողմէ մշակուած առաջարկը՝ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտարարած է. «Եթէ վերցնենք այն հաշուարկը, որ միայն կազի գնի այս բարձրացման դէպքում պետական պիւտճէ մուտքագրուելու է 5 միլիառ դրամից աւելի գումար՝ լրացուցիչ հարկերի տեսքով, ապա կառավարութիւնը, կարծում եմ, պարտաւոր է իրականացնել թիրախաւորուած նպատակային ծրագիր, յատկապէս՝ սոցիալապէս անապահով խաւերի համար»:

February 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Ի Պատիւ» Էրտողանին

«Ի Պատիւ» Էրտողանին

Սպանիա այցելող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի, Փետրուար 22ին Սեւիլիա մեկնած էր՝ մասնակցելու համար ի պատիւ իրեն կազմակերպուած հաւաքի մը, որուն ընթացքին անոր մրցանակ մը յանձնուած էր

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

Կը Յուսամ…

Կը Յուսամ…

Կը յուսամ, որ հայրենիքում, մեր պետական այրերն ու իշխանաւորները, մասնաւորաբար ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուները լրջմտօրէն եւ ամենայն ուշադրութեամբ են հետեւում՝ հայ-թուրքական արձանագրութիւնների հարցով ո՛չ միայն սփիւռքահայ, այլ նաեւ միջազգային մամուլում լոյս տեսնող յօդուածներին, անդրադարձներին ու քննադատութիւններին: Կը յուսամ, որ նրանք նաեւ լրջօրէն նկատի են առնում եւ հաշուի են նստում այդ վերլուծութիւնների հետ:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

Յանուն Արցախի Միջազգային Ճանաչման

Յանուն Արցախի Միջազգային Ճանաչման

Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման զարգացումներին զուգընթաց, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կրկին միջազգային քննարկումների կիզակէտում է:

February 23rd, 2010

| Posted in Լուրեր, Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

Ըստ Ալիեւի՝ Արցախը Երբեք Անկախ Պիտի Չըլլայ

Ըստ Ալիեւի՝ Արցախը Երբեք Անկախ Պիտի Չըլլայ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Պաքուի Լոկպատան աւանին մէջ բնակելի շէնքի մը բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարած է. «Ատրպեճանական հողին վրայ հայկական երկրորդ պետութիւն երբե՛ք պիտի չստեղծուի. Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք անկախ պիտի չըլլայ, եւ ատիկա գիտէ ողջ աշխարհը»։

February 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Հորիզոն»ի 180 Ծրագրի Հիւրն Է ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Վիգէն Յովսէփեան

«Հորիզոն»ի 180 Ծրագրի Հիւրն Է  ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Վիգէն Յովսէփեան

ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան Չորեքշաբթի, 24 Փետրուարին, հիւրը պիտի ըլլայ «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի 180 ծրագրին

February 23rd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հարցազրոյց, Սփիւռք | Read More »

Ատրպէյճան-Թուրքիա Ռազմական Խորհրդակցութիւններ

Ատրպէյճան-Թուրքիա Ռազմական Խորհրդակցութիւններ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ զօր. Ճենկիզ Մամատովի գլխաւորած պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի, Փետրուար 22ին Թուրքիա մեկնած է՝ յառաջիկայ երեք օրերու ընթացքին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար:

February 22nd, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Էրտողանի Նախկին Խորհրդականը՝ Դաւադրողներու Շարքին

Էրտողանի Նախկին Խորհրդականը՝ Դաւադրողներու Շարքին

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նախկին խորհրդական Թուրան Չոմեզ, որ վարչապետի աջ բազուկը կը համարուէր, ծրագրած էր յեղաշրջման պարագային դառնալ Թուրքիոյ վարչապետ։

February 22nd, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Հետքրքրական Տեղեկութիւններ «Վանդակի Գործողութեան» Մասին

Հետքրքրական Տեղեկութիւններ «Վանդակի Գործողութեան» Մասին

Փոքրամասնութիւններու դէմ ծրագրուած «Վանդակի գործողութեան» հարցով դատուող 17 ամբաստանեալներու ամբաստանագրին մէջ հետաքրքրական ու մտահոգիչ փաստաթուղթեր կան։

February 22nd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »

Արմէն Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Վախեցած Չէր»

Արմէն Ռուստամեան. «Դաշնակցութիւնը Վախեցած Չէր»

Փետրուար 18ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով նախորդ օրուան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի ելոյթին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է.

February 22nd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կայացաւ «Արամ Մանուկեան» Փաստաթուղթերու Ժողովածուին Շնորհահանդէսը

Կայացաւ «Արամ Մանուկեան» Փաստաթուղթերու Ժողովածուին Շնորհահանդէսը

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վէմ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 130ամեակին նուիրուած պետական հանդիսութիւններու շարքին, Փետրուար 19ին կայացաւ նաեւ «Արամ Մանուկեան» փաստաթուղթերու ժողովածուին շնորհահանդէսը։

February 22nd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արձանագրութիւններուն Փաթեթը Ամբողջացնելու Գծով Դաշնակցութեան Պահանջքը Չէ Կատարուած

Արձանագրութիւններուն Փաթեթը Ամբողջացնելու Գծով Դաշնակցութեան Պահանջքը Չէ Կատարուած

Փետրուար 22ին սկսաւ Ազգային ժողովի քառօրեայ աշխատանքներուն առաջին նիստը, որուն ընթացքին 107 պատգամաւորներու ներկայութեամբ բուռն քննարկման արժանացաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վաւերացման հարցը:

ԼՂՀ Միլանի Ցուցահանդէսին Մասնակցած Է Առանձին Տաղաւարով

ԼՂՀ Միլանի Ցուցահանդէսին Մասնակցած Է Առանձին Տաղաւարով

«Armenia Today»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով առանձին տաղաւարով մը մասնակցած է «BIT» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին, որ իրականացաւ Փետրուար 18-21ի միջեւ, Միլանի մէջ, եւ որուն մասնակցած են 140 երկիրներ:

February 22nd, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կլենտէյլի «Սիփան» Մասնաճիւղի Տարեկան Հանգանակային Ձեռնարկ

Կլենտէյլի «Սիփան» Մասնաճիւղի Տարեկան Հանգանակային Ձեռնարկ

ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղը, Շաբաթ, Փետրուար 27, 2010ին կը նախաձեռնէ կազմակերպման տարեկան նորաձեւութեան ցուցահանդէսի 23րդ ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Հիլթըն» շքեղ պանդոկի սրահին մէջ։

February 22nd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Տէնի Թարխանեանին

Հայ Դատը Նեցուկ Կը Կանգնի Տէնի Թարխանեանին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախնական ընտրութիւններուն նեցուկ կանգնելու Տէնի Թարխանեանին, որ Նեւատայի մէջ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներէն մէկն է:
Նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 8ին:

February 22nd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայ Ուսանողուհիներու Յատուկ Կրթանպաստներ

Հայ Ուսանողուհիներու Յատուկ Կրթանպաստներ

Հայ կանանց միջազգային միութիւնը (AIWA) կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է արդէն դիմումնագիրները ստանալու 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանի կրթանպաստներուն, որոնք տրամադրելի են իգական սեռի հայ ուսանողներու:

February 22nd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Յարութ Պարսամեանի Հատորին Ներկայացումը «Ապրիլ»ի Մէջ

Յարութ Պարսամեանի Հատորին Ներկայացումը «Ապրիլ»ի Մէջ

Կիրակի, Փետրուար 28ին, կ.ե. ժամը 3ին, «Ապրիլ» գրախանութին մէջ տեղի պիտի ունենայ Յարութ Պարսամեանի «Resurrection with Cane and Shoe» հատորին ներկայացումը, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ հարցումներ ուղղել նաեւ հեղիանկին:

February 22nd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին Մեծ Պահքի Ճաշկերոյթը

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24ին, կ.ա. ժամը 10ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։

February 22nd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ՀՕՄը Սկսած Է Ընդունիլ Երեմեան Կրթաթոշակի Դիմումնագիրները

ՀՕՄը Սկսած Է Ընդունիլ Երեմեան Կրթաթոշակի Դիմումնագիրները

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը յայտարարէ, որ սկսած է ընդունիլ 2010-2011 կրթական տարեշրջանի «Երեմեան» Կրթաթոշակի դիմումնագիրները։ Այս կրթաթոշակին կրնան դիմել բոլոր այն ուսանողները, որոնք աւարտած են արդէն համալսարանական ուսման իրենց առաջին տարին։

February 22nd, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ՌԱԿի Անդրադարձը

ՌԱԿի Անդրադարձը

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Փետրուար 22 թուակիր յատուկ հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի՝ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու հետ հանդիպման հարցին

February 22nd, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը Հայաստանի Իր Երկրորդ Բանակավայրը Կը Կոչէ Հայկ Յովսէփեանի Անունով

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը Հայաստանի Իր Երկրորդ Բանակավայրը Կը Կոչէ Հայկ Յովսէփեանի Անունով

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ Հայաստանի մէջ երկրորդ բանակավայր մը գնելու լուրը:

February 22nd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ատրպէյճան 76 Անգամ Խախտած Է Հրադադարը

Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ատրպէյճան 76 Անգամ Խախտած Է Հրադադարը

ԼՂ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ, ատրպէյճանցիներուն կողմէ արձանագրուած է հրադադարի խախտման 76 դէպք՝ հարաւ-արեւելեան, կեդրոնական, հիւսիս-արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով:

February 22nd, 2010

| Posted in Արցախ, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հրէական Լոպպին Դէմ Պիտի Չդնէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Հրէական Լոպպին Դէմ Պիտի Չդնէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւին

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հրէական ազդեցիկ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, կը գրէ, որ այս տարի հրէական լոպպին ջանքեր պիտի չթափէ, որպէսզի կասեցնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ:

February 22nd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

ՀՅԴն Փարիզի Մէջ Կը Հիմնէ Հայ Դատի Գրասենեակ

ՀՅԴն Փարիզի Մէջ Կը Հիմնէ Հայ Դատի Գրասենեակ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ հետեւեալը.

February 22nd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »