Home » March 31st, 2010Entries posted on “March, 2010”

Հարաւային Ռուսիոյ Մէջ Յարձակումներ 12 Զոհ Կը Խլեն

Հարաւային Ռուսիոյ Մէջ Յարձակումներ 12 Զոհ Կը Խլեն

Չորեքշաբթի, Մարտ 31ին, հարաւային Ռուսիոյ մէջ անձնասպանական երկու յարձակումեր խլեցին առնուազն 12 զոհ, որոնցմէ ինն՝ ոստիկաններ: Նոյն օրը, չեչեն ապստամբներու ղեկավար Տոքու Ումարով յայտարարեց, թէ իր զինեալներն էին Մոսկուայի մէջ երկու օր առաջ տեղի ունեցած զոյգ յարձակումներուն պատասխանատուները:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Հայ-Ատրպեճանական Սահմանագիծին Վրայ ԵԱՀԿի Հսկողութիւնը Անցած Է Առանց Զինադադարի Խախտման

Հայ-Ատրպեճանական Սահմանագիծին Վրայ ԵԱՀԿի Հսկողութիւնը Անցած Է Առանց Զինադադարի Խախտման

Հայ-ատրպեճանական սահմանագիծին վրայ, Տաւուշ մարզի Բերքաբեր գիւղին մէջ, Մարտ 31ին իրականացած է ԵԱՀԿ հերթական հսկողութիւնը, որ անցած է առանց հրադադարի խախտման: Հայկական կողմէն սոյն հսկողութեան մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի 9րդ բաժնի պետ Անդրանիկ Մկրտումեանը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի դաշտային օգնականները:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բացուեցաւ Ստեփանակերտի Թիւ 1 Դպրոցի Նորակառոյց Շէնքը

Բացուեցաւ Ստեփանակերտի Թիւ 1 Դպրոցի Նորակառոյց Շէնքը

Մարտ 31ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ թիւ 1 դպրոցի նորակառոյց մասնաշէնքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան: Ընթացքին նախագահը «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ Յարութ Սասունեանին յանձնած է Երախտագիտութեան շքանշան:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բռնցքամարտի Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կը Մեկնի Պաքու

Բռնցքամարտի Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կը Մեկնի Պաքու

2010ի Ապրիլին, Պաքուի մէջ կայանալիք բռնցքամարտի աշխարհի պատանեկան առաջնութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանը: ՀՀ բռնցքամարտի դաշնակցութեան փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեանը Մարտ 30ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ հակառակ անոր, որ վերջին շրջանին հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւնը սրուած է, սակայն մրցաշարը պատանեկան ողիմպիական խաղերուն համար վարկանիշ կը ներկայացնէ, որուն համար ալ Հայաստանը անպայման պիտի մասնակցի:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

2009ին Այլ Երկիրներու Մէջ Ապաստան Փնտռած Է 6226 Հայաստանցի

2009ին Այլ Երկիրներու Մէջ Ապաստան Փնտռած Է 6226 Հայաստանցի

2009ի ընթացքին այլ երկիրներու մէջ ապաստան խնդրողներու վիճակագրութիւնը ամփոփող ՄԱԿի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Անթոնիօ Կութերեսի ներկայացուցած զեկոյցին համաձայն, անցեալ տարի այլ երկիրներու մօտ ապաստան խնդրած է 6226 հայաստանցի: 44 պետութիւններու մէջ ապաստան փնտռող հայաստանցիներուն թիւը արձանագրած է 43 տոկոսի աճ:
Նշենք, որ ապաստան փնտռող կը համարուի այն անձը, որ միջազգային պաշտպանութիւն կը խնդրէ եւ տակաւին չունի փախստականի կարգավիճակ:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Ամերիաբանկ» Եւ «Cascade» Դրամատուները Կը Միաձուլուին

«Ամերիաբանկ» Եւ «Cascade» Դրամատուները Կը Միաձուլուին

Մարտ 31ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, «Ամերիաբանկ» դրամատան տնօրէն Արտակ Հանէսեան եւ «Cascade» դրամատան տնօրէն Ահարոն Լեւոնեան յայտնած են, թէ իրենց դրամատուները սկսած են իրականացնելու միաձուլման գործընթաց:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայրենական Պատերազմի Յաղթանակի 65ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Հայրենական Պատերազմի Յաղթանակի 65ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Հայաստանի ազգային արխիւը եւ Հայասատնի Պատմութեան թանգարանը միասնաբար կազմակերպած են Հայրենական պատերազմի (Բ. Համաշխարհային պատերազմ) յաղթանակի 65ամեակին նուիրուած՝ պատերազմի տարիներուն ստեղծուած ծաղրանկար-ցուցատախտակներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են ծաղրանկարիչներ Սերգէյ Արուտչեանի, Աշոտ Մամաջանեանի, Շաւարշ Յովհաննիսեանի, Սեդրակ Ռաշմաճեանի, Լեւոն Գենչըղլեանի (նաեւ ռուս հեղինակներու) 42 ցուցատախտակներ:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀՅԴ «Ահարոնեան» Կոմիտէութիւնը Տօնեց Իր Գործունէութեան 35ամեակը

ՀՅԴ «Ահարոնեան» Կոմիտէութիւնը Տօնեց Իր Գործունէութեան 35ամեակը

Շաբաթ, Մարտ 20ին Կլենտէյլի «Ռընեսանս» սրահին մէջ խուռներամ ժողովուրդի ներկայութեամբ կայացաւ կոմիտէութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:

March 31st, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ծաղկազարդի Տօնը Անթիլիասի Մէջ

Ծաղկազարդի Տօնը Անթիլիասի Մէջ

Կիրակի Մարտ 28ին, Ծաղկազարդի օրը, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի մայրավանքը:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Պարսկաստանի «Արարատ» Պարախումբի Ելոյթը Պէյրութի Մէջ

Պարսկաստանի «Արարատ» Պարախումբի Ելոյթը Պէյրութի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, Մարտ 28ին, երեկոյեան, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պարսկաստանի «Արարատ» կազմակերպութեան «Արարատ» պարախումբին ելոյթը՝

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

«Միլլիյէթ» Կ՛անդրադառնայ Հայաստանցիներու Ոդիսականին «ՅՈՅՍԻ ՀԱՆՐԱՇԱՐԺԸ» ԵՐԵՒԱՆԻ ՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԻՋԵՒ

«Միլլիյէթ» Կ՛անդրադառնայ Հայաստանցիներու Ոդիսականին  «ՅՈՅՍԻ ՀԱՆՐԱՇԱՐԺԸ» ԵՐԵՒԱՆԻ ՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԻՋԵՒ

Շիւքրան Փաքքան «Միլլիյէթ»ի Հինգշաբթի, Մարտ 25ի թիւին մէջ, վերոնշեալ վերնագիրը կրող յօդուածով կը նկարագրէ կեանքը այն հայաստանցիներուն, որոնք Թուրքիա կու գան գործ գտնելու ու աշխատելու համար։

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Որպէսզի Չմատնուինք… Զառիթափի

Որպէսզի Չմատնուինք… Զառիթափի

Բառերն ու գաղափարներն ալ հատու զէնք են. երբեմն կրնան աւելի ազդու ըլլալ եւ խորագոյն հարուած հասցնել, քան ամէնէն մահացու նկատուած նիւթեղէն զէնքերը իրենք։

March 31st, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »

Հոլանտացի Բեմադրիչը Շարժապատկեր Կը Պատրաստէ Երեւանի Մէջ

Հոլանտացի Բեմադրիչը Շարժապատկեր Կը Պատրաստէ Երեւանի Մէջ

«Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի գրասենեակին տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, հոլանտացի հանրայայտ բեմադրիչ Եոս Սթելինկ Մարտ 23-28ի միջեւ, Երեւանի մէջ իրականացուցած է վարպետութեան դասեր՝ շարժապատկերի «Ոսկէ Ծիրան» բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Նոյն օրերուն, բեմադրիչին կողմէ սկսած են նկարահանումի աշխատանքները երեք շարժապատկերներու՝ «Սէրը եւ Քաղաքը (Երեւան)» թեմայով:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սերժ Սարգսեան Կը Մասնակցի Ջղա-անօթային Կեդրոնի Բացումին

Սերժ Սարգսեան Կը Մասնակցի Ջղա-անօթային Կեդրոնի Բացումին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Չորեքշաբթի, Մարտ 31ին ներկայ գտնուած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ջղա-անօթային (neurovascular-Խմբ.) վիրաբուժութեան կեդրոնի բացումին: Արարողութեան մասնակցած են նաեւ ՀԲԸՄի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Նազար Նազարեանը եւ ՀԲԸՄի տնօրէններու Կեդրոնական խորհուրդի անդամներ:

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Եւրոխորհուրդի Ցեղատեացութեան Դէմ Պայքարի Յանձնաժողովը՝ Երեւանի Մէջ

Եւրոխորհուրդի Ցեղատեացութեան Դէմ Պայքարի Յանձնաժողովը՝ Երեւանի Մէջ

Եւրոխորհուրդի Ցեղատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողովի (ECRI) պատուիրակութիւնը, Մարտ 23-26ի միջեւ այցելած է Հայաստան, ուր տեղեկատուութիւն ստացած է 2006ի իր զեկոյցին մէջ իշխանութիւններուն

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ջատագովող Չիլիի Ծերակուտականը Կը Պարգեւատրուի

Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ջատագովող Չիլիի Ծերակուտականը Կը Պարգեւատրուի

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Մարտ 25ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով պարգեւատրած է Չիլիի Սենաթի անդամ, Չիլիի ընկերվարական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ռիքարտօ Նունյես Մունյոսը՝ Չիլիի Սենաթին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդունումը նախաձեռնելուն համար։

March 31st, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ- Ապրիլ 24ին Բոլորս Դէպի Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանը

ԿՈՉ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ- Ապրիլ 24ին Բոլորս Դէպի Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանը

Հաղորդագրութիւն թիւ 2
Թուրքիոյ կողմէ 95 տարի առաջ տմարդօրէն ծրագրուած, կազմակերպուած եւ գործադրուած 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը տակաւին կը մնայ անպատիժ։ Հայութիւնը որեւէ ատենէ աւելի, այսօր եւս կը մնայ տէրը իր իրաւունքներուն:
Վերջին ամիսներուն, քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումին եւ փրոթոքոլներուն, ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած փորձ մը՝ նսեմացնելու համար [...]

March 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Էրտողան Սարքոզիի Հետ Պիտի Քննէ Հայ-Թրքական Կապերը

Էրտողան Սարքոզիի Հետ Պիտի Քննէ Հայ-Թրքական Կապերը

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 6-7ին, պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Ֆրանսա:

March 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Թուրք Պատմաբանը Կը Հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան Փաստը

Թուրք Պատմաբանը Կը Հաստատէ Հայկական Ցեղասպանութեան Փաստը

Թրքական «Թարաֆ» թերթի թղթակից Նեշէ Տիւզել Թուրքիոյ պատմութեան մութ էջերուն վերաբերեալ հարցազրոյց մը կատարած է թուրք պատմաբան Սելիմ Տերինկիլի հետ, որուն պատասխանները կը յատկանշուին իրենց համարձակութեամբ: Տերինկիլ յայտնած է, որ 1915ին, «Երիտասարդ թուրքերը ջանացած են բնաջնջել ամբողջ հայ բնակչութիւնը»։

March 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Թուրք Փաստաբան Մը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Պահանջքով Դատարան Կը Դիմէ

Թուրք Փաստաբան Մը Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Պահանջքով Դատարան Կը Դիմէ

Ըստ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին, Անգարայի փաստաբաններու գրասենեակի անդամ Պենտել Ճելիլ Էզման, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պահանջքով դիմած է Անգարայի դատարաններէն մէկուն։

March 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Շիրինօղլուի՝ Ցեղասպանութեան Մասին Չէ Խօսուած Էրտողանի Հետ

Ըստ Շիրինօղլուի՝ Ցեղասպանութեան Մասին Չէ Խօսուած Էրտողանի Հետ

Երեքշաբթի, Մարտ 30ին, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր ցաւն ու ընդվզումը վերջին օրերուն իրեն դէմ ստեղծուած շարժումին կապակցութեամբ: Շիրինօղլու ըսաւ. «Մենք հիւանդանոցի անունով ժամադրութիւն խնդրած էինք վարչապետարանէն։ Մեր նպատակն էր մեզի վերադարձուած երկու կալուածներուն համար շնորհակալութիւն յայտնել, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել մեր հիւանդանոցի թանգարանին բացման հանդիսութեան իր բերած մասնակցութեան համար։

March 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Մերզլեաքով Կը Հերքէ Մամուլի Մէջ Իրեն Վերագրուած Յայտարարութիւնը

Մերզլեաքով Կը Հերքէ Մամուլի Մէջ Իրեն Վերագրուած Յայտարարութիւնը

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով Երեքշաբթի օր հերքած է իրեն վերագրուած այն յայտարարութիւնը, թէ՝ Հայաստան իր անհամաձայնութիւնը յայտնած էր մատրիտեան սկզբունքներէն չորս կէտերու շուրջ:

March 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Յարութեան Տօնի Պատգամը- ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՜ՒՆ ՁԵԶԻ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Յարութեան Տօնի Պատգամը- ԽԱՂԱՂՈՒԹԻ՜ՒՆ ՁԵԶԻ

«Մինչ այս մասին կը խօսէին, ահա նոյնինքն Յիսուս կեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. Խաղաղութիւն ձեզի. ես եմ, մի՛ վախնաք»։ (Ղուկաս 24։36)

March 31st, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Կիզակէտ, Հայաշխարհ, Յօդուածներ | Read More »

«Գրքի» Մարդը

«Գրքի» Մարդը

ԽՈՐԷՆ ԱՐԱՄՈՒՆԻ
25-30 տարի առաջ, այստեղ՝ Ամերիկայում, պետական նպաստ էի ստանում, երբ գնեցի 18 հատորանոց անգլիական հանրագիտարան։ Ամերիկածին աղջիկներս մինչեւ միջնակարգ աւարտելը, այդ խեղճ գրքերին, քրքրեցին, «տանջամահ» արին։ Մի քանի տարի առաջ, երբ նրանք իմացան, որ այդ հանրագիտարանները թափելու պէս յանձնել եմ ինչ-որ կենտրոնի, մեծը նեղացած հեռացաւ, իսկ փոքրը լաց եղաւ. «Մենք նրանց հետ ենք մեծացել, [...]

March 31st, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս

Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս

Տարիներ շարունակ, Արշակ Տիգրանեան վարժարանը եղել է հայ համայնքի սիրուած կրթօճախներից մէկը: Այն եղել է եւ կայ յուսալի, ապահով ու ջերմ միջավայր, որտեղ գործում են ժրաջան ուսուցիչներ, հոգատար ծնողաուսուցչական մարմին, բանիմաց տնօրինութիւն եւ մարզական գործօն յանձնախումբ:
Մարտ 20, 2010ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին տեղի ունեցած վարժարանիս տարեկան պարահանդէսը նախ եւ առաջ ստեղծեց ջերմ ընտանեկան մթնոլորտ եւ ընկերական [...]

March 30th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Մելռոզ Պողոտայի «Քարլիթօս Կարտել» Ճաշարանը

Մելռոզ Պողոտայի «Քարլիթօս Կարտել» Ճաշարանը

Արեւմտեան Հոլիվուտի Մելռոզ պողոտային վրայ, արժանթինեան «ընտանեկան» բոյն մը հիւսուած է եւ կը գոյատեւէ 1990ականներէն ի վեր. այն է՝ «Քարլիթոս Կարտել» ճաշարանը:

March 30th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղի Մեծ Պահոց Միջինքը

ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղի Մեծ Պահոց Միջինքը

Հայ օգնութեան միութեան մեծ ընտանիքը, ընթացիկ օրերուն մեծ մաշտապով ծրագիրներ կը մշակէ՝ արժանավայել կերպով տօնախմբելու իր հարիւրամեայ ծնունդն ու գործունէութիւնը, որոնց ընթացքին նաեւ տեղական մասնաճիւղերը կը փորձեն կատարելագործել աւանդական եւ տարեկան իրենց ծրագիրները։

March 30th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հոլիվուտի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ Թաղային Խորհուրդի Նորընտիր Անդամները

Հոլիվուտի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շնորհաւորէ Թաղային Խորհուրդի Նորընտիր Անդամները

Շաբաթ, Մարտ 20ին կայացած Հոլիվուտի թաղային խորհուրդներու ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայ թեկնածուներն էին Քրիսթինա Խանճեան, Սեմ Քպուշեան եւ Շահան Սիւզմէյեան, որոնք դարձան Մեծն Կրիֆիթ Փարքի եւ Արեւելեան Հոլիվուտի թաղային խորհուրդներու անդամ:

March 30th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Փոքրիկ Հայաստանի Մէջ Այլ Հայու Մը Սպանութիւնը Կը Հետապնդուի

Փոքրիկ Հայաստանի Մէջ Այլ Հայու Մը Սպանութիւնը Կը Հետապնդուի

«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կը փորձէ կապեր գտնել անցեալ Ուրբաթ, Մարտ 26ի գիշերը, Փոքրիկ Հայաստանի Լեկզինկթըն թաղամասի 5800 թիւով հատուածին վրայ կայացած 38ամեայ Կարինէ Յակոբեանի սպանութեան եւ Դեկտեմբեր 11, 2008ին, այս ոճիրէն քանի մը թաղ անդին կայացած հայազգի հօր մը եւ անոր ութնամեայ աղջնակին սպանութեանց միջեւ:

March 30th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ինչո՞ւ Յաղթեցինք Հոլիվուտի Մէջ

Ինչո՞ւ Յաղթեցինք Հոլիվուտի Մէջ

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: Մենք յաղթեցինք Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ:

March 30th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

Ցեղասպանութեան Հարցը Քննուեցաւ Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին Մէջ

Ցեղասպանութեան Հարցը Քննուեցաւ Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին Մէջ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Երկուշաբթի, Մարտ 29ի ուշ երեկոյեան, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատին մէջ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝

March 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Շիրինօղլուի Յայտարարութեան Դէմ՝ Պոլսահայերու Ստորագրահաւաք

Շիրինօղլուի Յայտարարութեան Դէմ՝ Պոլսահայերու Ստորագրահաւաք

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան խորհուրդի ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ Մարտ 26ին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Շիրինօղլուի յայտարարութիւնը բողոքի ալիք մը յառաջացուցած է պոլսահայերուն մօտ:

March 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ջաւախքցիք Վրաստանի Ղեկավարներէն Կը Պահանջեն Արդար Ընտրութիւններ

Ջաւախքցիք Վրաստանի Ղեկավարներէն Կը Պահանջեն Արդար Ընտրութիւններ

Ախալքալաքի մէջ կայացաւ «Ջաւախք» ժողովրդական շարժման համաժողովը, որուն մասնակցեցան կառոյցի 200է աւելի նախկին եւ ներկայ անդամներ, æաւախքի մէջ գործող այլ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ջաւախքահայ հասարակական գործիչներ:

March 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ջաւախքի Հայերն Էլ Մարդ Են Եւ Ունեն Մարդու Բոլոր Իրաւունքները Կամ՝ Բաց Նամակ «Լրագիր.Էյ.Էմ»ի Խմբագրութեանը

Ջաւախքի Հայերն Էլ Մարդ Են Եւ Ունեն Մարդու Բոլոր Իրաւունքները Կամ՝ Բաց Նամակ «Լրագիր.Էյ.Էմ»ի Խմբագրութեանը

www.lragir.am կայքէջի 2010թ. Մարտի 20ի «Յօնքը սարքելու փոխարէն» յօդուածի անյայտ հեղինակը անում է հետեւեալ միանշանակ պնդումը. «…աշխարհի որեւէ քիչ թէ շատ կայացած երկիր թոյլ չի տայ էթնիկ հիմքով քաղաքական կուսակցութեան գոյութիւնը»: Միանգամայն անհիմն եւ իրականութեանը չհամապատասխանող պնդում:

March 30th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Անկոչ Միջնորդը

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Անկոչ Միջնորդը

Թրքական «Սթար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցով փոխնախագահ Սուատ Քընըքլըօղլու յայտնած է, որ պայմաններու բերումով, Թուրքիա գրեթէ դարձած է Արցախի հարցը միջնորդող Մինսկի խումբի համանախագահ:

March 30th, 2010

| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »

Բողոքի Ցոյց ՄըքՄեհընի Դէմ

Բողոքի Ցոյց ՄըքՄեհընի Դէմ

Կիրակի, Մարտ 27ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ յունական ու կիպրական կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ

March 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ըստ Պիրանտի՝ Հայաստան Կրնայ Չեղեալ Համարել Արձանագրութիւնները

Ըստ Պիրանտի՝ Հայաստան Կրնայ Չեղեալ Համարել Արձանագրութիւնները

Վերջերս Երեւան այցելած թուրք մտաւորականներու, նախկին դեսպաններու եւ լրագրողներու շարքին էր նաեւ թուրք վերլուծաբան եւ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի գլխաւոր խմբագիր

March 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

«Շամլեան»ի Աշակերտների Այցը «Ասպարէզ» Եւ «Հորիզոն»

«Շամլեան»ի Աշակերտների Այցը «Ասպարէզ» Եւ «Հորիզոն»

«Շամլեան» Ազգային վարժարանի 7րդ դասարանների աշակերտները իրենց հայերէնի ուսուցիչների՝ Արաքս Զարզաւաթճեանի, Սարօ Նազարեանի եւ Վահան Մեհրաբեանի գլխաւորութեամբ, Երեքշաբթի, Մարտի 23ի առաւօտեան ժամը 11:30ին այցելեցին «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութիւն

March 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Խմբագրական, Հայաշխարհ | Read More »

«A Perfect Injustice» Հատորին Ներկայացումը

«A Perfect Injustice» Հատորին Ներկայացումը

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրախանութի կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ «A Perfect Injustice: Genocide and Theft of Armenian Wealth» հատորին ներկայացումը: Ներկայ պիտի ըլլայ հատորի համահեղիանկ Հրայր Քարակէօզեանը:

March 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

ԶԱՐԿԵՐԱԿ

ԶԱՐԿԵՐԱԿ

ՀՅԴ Երիտասարդաց 2010 թուականի Պատանեկան խորհրդաժողովը իմ ամէնէն շատ սիրած խորհրդաժողովն էր: Ամէն բան հոյակապ էր: Գեղեցիկ, ձիւնոտ օդէն սկսեալ մինչեւ դաստիարակչական դասընթացքները, իմ տնակը, հոյակապ խորհրդատուները եւ պաշտօնեաները:

March 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Յովսէփեան» Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

«Յովսէփեան» Վարժարանի Տարեկան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրետ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան վարժարանի 26րդ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 13ի երեկոյեան, եկեղեցւոյ վերանորոգուած սրահին մէջ:

March 29th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Աւագ Շաբթուան Ընթացքին՝ Առաջնորդը Թեմի Եկեղեցիները Կ՛այցելէ

Աւագ Շաբթուան Ընթացքին՝ Առաջնորդը Թեմի Եկեղեցիները Կ՛այցելէ

Ծաղկազարդէն մինչեւ Յարութեան տօնը երկարող ժամանակաշրջանը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար, ունի յատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ այս ժամանակաշրջանը հարուստ է բազմաթիւ

March 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ծերակուտական Փրայս Նեցուկ Կը Կանգնի Նահապետեանի Ընտրապայքարին

Ծերակուտական Փրայս Նեցուկ Կը Կանգնի Նահապետեանի Ընտրապայքարին

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց մասնակցող Նայիրի Նահապետեանի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քըրըն Փրայս որոշած է նեցուկ կանգնիլ Նահապետեանի ընտրապայքարին՝ միանալով Նայիրիի ընտրութեանց նեցուկ կանգնող նահանգային ծերակուտականներ Քարոլ Լիուի եւ Ալեքս Փատիայի:

March 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Մարիա Պաղրամեան՝ Իրլանտայի Թագաւորական Ակադեմիոյ Անդամ

Մարիա Պաղրամեան՝ Իրլանտայի Թագաւորական Ակադեմիոյ Անդամ

Իրլանտաբնակ հայազգի փրոֆ. դոկտ. Մարիա Պաղրամեան, Մարտ 16ին ընտրուեցաւ Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիոյ անդամ։ Սոյն ակադեմիան, որ հիմնուած է 1785ին, Իրլանտայի գիտութեան եւ մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնն է։ Մարիա Պաղրամեան առաջին ոչ եւրոպացի կինն է, ինչպէս նաեւ առաջին հայը, որ անդամ ընտրուած է Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիոյ։

March 29th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Հայկական Պատարագներ Վալենսիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցիներուն Մէջ

Հայկական Պատարագներ Վալենսիոյ Կաթոլիկ Եկեղեցիներուն Մէջ

Վերջերս, Սպանիոյ հայաշատ շրջաններու կաթոլիկ եկեղեցիներուն մէջ սկսած են հայկական պատարագներ մատուցուելու:

March 29th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Կոչ՝ Քալիֆորնիոյ Արեւմտահայ Գրողներուն

Կոչ՝ Քալիֆորնիոյ Արեւմտահայ Գրողներուն

Նախքան սկսիլը, կ՛ուզեմ յստակացնել, թէ սոյն կոչը զուտ անհատական նախաձեռնութեան արդիւնք է, եւ յուշուած չէ տեղւոյս Գրողներու միութեան կողմէ։

March 29th, 2010

| Posted in Գրողի Անկիւն, Սիւնակներ | Read More »

Նկար Լուր- Ծաղկազարդ: Երեւան

Նկար Լուր- Ծաղկազարդ: Երեւան

Ծաղկազարդ: Երեւան

March 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Իններորդ Հարցումը

Իններորդ Հարցումը

Մարդահամարի հարցաթերթիկները ամբողջացնելու ժամկէտը կը մօտենայ: Բնակչութեան իրական պատկերը ունենալու պետական նախանձախնդրութիւնը նկատի ունենալով՝ հաւանաբար հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, որպէսզի ուշացած պատասխանները եւս հաշուի առնուին ու արձանագրուին:

March 29th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

Ծաղկազարդի Տօնը՝ Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Ծաղկազարդի Տօնը՝ Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 28 Մարտին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող թափօր՝ մասնակցութեամբ մանուկներու։

March 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սփիւռք | Read More »

Հայաստան Եւ Ատրպէյճան Չեն Համաձայնիր Մատրիտեան Սկզբունքներէն Չորս Կէտերու Շուրջ

Հայաստան Եւ Ատրպէյճան Չեն Համաձայնիր Մատրիտեան Սկզբունքներէն Չորս Կէտերու Շուրջ

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Երեւան եւ Ստեփանակերտ այցելելով՝ հանդիպած են Հայաստանի եւ Ղարաբաղի նախագահներուն եւ անոնց հետ քննարկած Մատրիտեան սկզբունքներուն հանդէպ հայկական կողմին կեցուածքները:

March 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ապահովական Մարմինները Նեցուկ Կը Կանգնին Նահապետեանին

Ապահովական Մարմինները Նեցուկ Կը Կանգնին Նահապետեանին

Ոստիկանական երկու կազմակերպութիւնները՝ «Los Angeles Police Protective League» եւ «Peace Officers Research Association of California», Երկուշաբթի, Մարտ 29ին յայտարարած են, թէ իրենք որոշած են նեցուկ կանգնիլ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի 43րդ ընտրատարածքը ներկայացնելու նպատակով իր թեկնածութիւնը առաջադրած Նայիրի Նահապետեանի ընտրութեան:

March 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Քլինթըն Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Դնել Կը Խոստանայ Տաւութօղլուին

Քլինթըն Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Դնել Կը Խոստանայ Տաւութօղլուին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Մարտ 29ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջեւ, Կիրակի օր հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է՝ թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ։

March 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Էրտողան Կը Շարունակէ Սպառնալ Եւ Ուրանալ

Էրտողան Կը Շարունակէ Սպառնալ Եւ Ուրանալ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան գերմանական «Տեր Շփիկըլ» թերթի Մարտ 27ի թիւով լոյս տեսած իր հարցազրոյցին մէջ կը յայտարարէ, որ եթէ հայկական Սփիւռքը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ շարունակէ ճնշումները, թրքական իշխանութիւնները ստիպուած պիտի ըլլան Թուրքիայէն վտարելու ապօրինի կերպով հոն բնակող հայերը։

March 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

480,000 Տոլար Կը Հանգանակուի՝ Ի Նպաստ ՀՅԴ Լիբանանի Կազմակերպութեան

480,000 Տոլար Կը Հանգանակուի՝ Ի Նպաստ ՀՅԴ Լիբանանի Կազմակերպութեան

«Մեթրոփոլիթըն» պանդոկի «Տուպայ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կազմակերպած ընթրիք-հանգանակութիւնը։ Աւելի քան 300 հոգիի ներկայութեան, Դաշնակցութեան համակիրները անգամ մը եւս գործնապէս սատարեցին Դաշնակցութեան ծրագիրներուն իրականացման աշխատանքներուն։

March 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Անգլիոյ Խորհրդարանը Կը Սկսի Քննարկելու Ցեղասպանութեան Հարցը

Անգլիոյ Խորհրդարանը Կը Սկսի Քննարկելու Ցեղասպանութեան Հարցը

Մարտ 29ին, Լոնտոնի մէջ Անգլիոյ խորհրդարանը սկսաւ քննարկելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցը: Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ կու տանք մեր վաղուան թիւով:

March 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ամէն Ինչ՝ Յանունի Գաղափարով

Ամէն Ինչ՝ Յանունի Գաղափարով

2010 թուականի Մայիսի 23ին Լեռնային Ղարաբաղում կը կայանան ԼՂՀ 5րդ գումարման Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները: Արդէն աւարտուել է ԼՂՀ ԱԺ ընտրութիւններին պատգամաւորական թեկնածուների առաջադրման գործընթացը: ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութիւնը համամասնական եւ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրել է թեկնածուներ: Թէ ի՞նչ սկզբունքով է առաջնորդուել ՀՅԴն իր թեկնածուներն առաջադրելիս՝ պարզաբանում է ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական Կոմիտէի (ԿԿ) ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը.

March 29th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Անախորժ Իրողութիւններ

ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ- Անախորժ Իրողութիւններ

Երկուշաբթի, Մարտ 29ին Թուրքիա ժամանած Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել, նախքան Անգարա ոտք կոխելը, իրարանցում մը ստեղծած էր Թուրքիոյ մէջ, երբ այցելութեան նախօրեակին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ժխտական պատասխան տուած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն առաջարկին, թէ Գերմանիոյ մէջ պէտք է թրքերէն լեզու դասաւանդող թրքական դպրոց բացուի, Թուրքիոյ մէջ գերմանական վարժարաններու օրինակով: Մերքել Անգարայի մէջ մեղմացուց իր դիրքը՝ յայտնելով, թէ կարելի է թրքերէն սորվեցնող դպրոցներ բանալ, պայմանաւ, որ անոնք Գերմանիոյ կրթական օրէնքները յարգեն ու միաժամանակ նաեւ գերմաներէն սորվեցնեն գաղթական թուրքերուն:

March 29th, 2010

| Posted in Լուսարձակ, Կիզակէտ, Յօդուածներ, Սիւնակներ | Read More »

«Ասպարէզ» Աղ Ու Հացով Բացաւ Իր Դռները Հանրութեան Առջեւ

«Ասպարէզ» Աղ Ու Հացով Բացաւ Իր Դռները Հանրութեան Առջեւ

Անցեալ Կիրակի, Մարտ 21ին, տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը՝ «Ասպարէզ»-«Հորիզոն»ի «Փոքրիկ Հայաստան» փոխադրութեան պաշտօնական նշումը:

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Գիր Ու Գիծ

Գիր Ու Գիծ

Գիր Ու Գիծ

March 26th, 2010

| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի՝ ՀՅԴին Համար Առաջնահերթ Է Աղքատութեան Դէմ Պայքարը

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի՝ ՀՅԴին Համար Առաջնահերթ Է Աղքատութեան Դէմ Պայքարը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, Մարտ 25-26ին Երեւանի մէջ իրականացուող «Սոցիալիստական մօտեցումներ Հայաստանի մարտահրաւէրներին. կլոպալ հեռանկարներ, տեղական իրողութիւններ» թեմայով խորհրդաժողովի ընթացքին՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ կը տիրէ ազգային տնտեսութեան ճգնաժամ, որուն կ՛ուղեկցին հասարակական-տնտեսական ոլորտի աննախադէպօրէն աճող հիմնախնդիրներ:

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ղազախստանը Կ՛առաջարկէ Իրականացնել Նախագահներ Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպումը

Ղազախստանը Կ՛առաջարկէ Իրականացնել Նախագահներ Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպումը

Ըստ ռուսական լրատուամիջոցներուն, Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Կանատ Սաուտապաեւ, Մոսկուայի մէջ կայացած ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին յայտնած է, թէ ԵԱՀԿի ներկայ նախագահ Ղազախստանը կ՛առաջարկէ 2010ին Ասթանայի մէջ իրականացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը:

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ըստ Փիթըր Վէյտրուտի՝ Շուէտի Խորհրդարանը Կրկին Կը Քուէարկէ Ի Նպաստ Ցեղասպանութեան

Ըստ Փիթըր Վէյտրուտի՝ Շուէտի Խորհրդարանը Կրկին Կը Քուէարկէ Ի Նպաստ Ցեղասպանութեան

Մեկնաբանելով Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտտի յայտարարութիւնը, թէ՝ հնարաւոր է, որ Շուէտի խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի կրկնակի քուէարկութիւն իրականացնէ, ՀՅԴ կազմա-կերպած միջազգային ժողովին Երեւան գտնուող Շուէտի Քրիստոնեայ սոցիալիստական դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Փիթըր Վէյտրուտ յայտնած է, թէ չի բացառուիր, որ այս անգամ աւելի շատ պատգամաւորներ կողմ քուէարկեն։

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ըստ Արման Կիրակոսեանի՝ Ցեղասպանութեան Մասին Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Չէ Եղած

Ըստ Արման Կիրակոսեանի՝ Ցեղասպանութեան Մասին Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Չէ Եղած

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Պապաճանի յայտարարութեան, ըստ որուն՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն Ցեղասպանութեան հարցի քննարկման մասին՝ յայտնած է, թէ անիկա առնուազն տարակուսանք կը յառաջացնէ:

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Յակոբ Պաղտասարեան Կը Մեծարուի ՀՕՄի Ջաւախքի Յանձնախումբին Կողմէ

Յակոբ Պաղտասարեան Կը Մեծարուի ՀՕՄի Ջաւախքի Յանձնախումբին Կողմէ

Հայ օգնութեան միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան «æաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին ջաւախքահայութեան ի նպաստ հանգանակային վեցերորդ նաւապտոյտը տեղի ունեցաւ Մարտ 7ին:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարան. 40 Տարիներու Երկարամեայ Վաստակ Եւ Բազմաթիւ Նուաճումներ

Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարան. 40 Տարիներու Երկարամեայ Վաստակ Եւ Բազմաթիւ Նուաճումներ

Նախապէս արձանագրած էինք Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոսի 40 ամեակի շքեղ հանդիսութեան հակիրճ թղթակցութիւնը խոստանալով մանրամասնել յաջորդիւ։ Այժմ այս յօդուածով այդ պատեհ առիթը տրուած է մեզի։

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ֆրեզնոյի ՀՕՄի «Սոֆիա» Մասնաճիւղի Միջինքի Ճաշկերոյթ Եւ Ժողով

Ֆրեզնոյի ՀՕՄի «Սոֆիա» Մասնաճիւղի Միջինքի Ճաշկերոյթ Եւ Ժողով

Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի ՀՕՄի «Սոֆիա» մասնաճիւղի վարչութեան, Կիրակի, Մարտ 21ին, «Ասպարէզ» ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի ճաշկերոյթն ու հերթական ժողովը, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ «Մայր» ու «Սոֆիա» մասնաճիւղերու մեծ թիւով անդամներու:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Մարտիրոսեանի Եւ Չաւուշեանի Ելոյթը Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Մարտիրոսեանի Եւ Չաւուշեանի Ելոյթը Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Ուրբաթ, Փետրուար 26ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին գլխաւոր սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաւջութակահար Ալեքսանտր Չաւուշեանի եւ դաշնակահար Վահան Մարտիրոսեանի իւրայատուկ կատարումներու հանդէսը, որ կազմակերպուած էր համալսարանին Հայագիտական ուսմանց ծրագրին ու երաժշտական բաժանմունքին համագործակցութեամբ:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Անտոնեան Փորձառական Շրջան Կ՛անցնէ Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Անտոնեան Փորձառական Շրջան Կ՛անցնէ Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Համալսարանական նոր դասախօսներու պատրաստութեան նպաստող ամերիկեան ծրագրի մը շնորհիւ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Քրիսթին Անտոնեան 2010ի գարնանային կիսամեակին համար Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի այցելու է: Իր կեցութեան ընթացքին, ան համալսարանէն ներս դասախօսութիւններ կու տայ փոփոխութիւններ դիմագրաւող տնտեսութեանց եւ կրթական համակարգներու մասին, միաժամանակ ներկայ կ՛ըլլայ զանազան դասաւանդութեանց:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայկական Եկեղեցիներու Նուիրուած Համացանցային Կայք

Հայկական Եկեղեցիներու Նուիրուած Համացանցային Կայք

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին Հայագիտական ուսմանց ծրագրին վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ համացանցին վրայ դրուած է երկու տարի ծրագրին նուիրուած Ռիչըրտ եւ Էնն Էլպրեխթի հայկական եկեղեցիներու 157 լուսանկարներու արժէքաւոր հաւաքածոն:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄ «Սասուն» Մասնաճիւղի Ձմեռնային Բանակումը

Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄ «Սասուն» Մասնաճիւղի Ձմեռնային Բանակումը

Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին, Ուրբաթ, Մարտ 19ին, խումբ մը եղբայրներ, քոյրեր եւ գայլիկներ, շուրջ 20 հոգի, երեկոյեան դէմ, լեռները բարձրացան եւ Շէյվըր լիճին մօտ, կատարեցին իրենց ձմեռնային երեքօրեայ բանակումը:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Թաւլեան»ի Աշակերտները Առաջնորդարան Այցելեցին

«Թաւլեան»ի Աշակերտները Առաջնորդարան Այցելեցին

Ազգային առաջնորդարանի սրահն ու նրբանցքները Երեքշաբթի, Մարտ 16ի առաւօտուն պարուրուեցան գունագեղ տարազներով ճռուողող մանուկներու կենսաւորող մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, Ազգային «Թաւլեան» մանկամսուրի աշակերտները, մանկամսուրի վարիչ Հելէն Մանուչարեանի, դաստիարակներու եւ կարգ մը ծնողներու առաջնորդութեամբ, այցելութեան եկան առաջնորդարան եւ իրենց անմեղունակ արտայայտութիւններով պահ մը մանկացուցին «ազգի տունը»։

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

«Շամլեան» Ազգ. Վարժարանի Առաջադէմ Աշակերտների Գնահատման Արարողութիւնը

«Շամլեան» Ազգ. Վարժարանի Առաջադէմ Աշակերտների Գնահատման Արարողութիւնը

Երեքշաբթի, Մարտի 2ի առաւօտեան ժամը 8:30ին տեղի ունեցաւ «Շամլեան» Ազգային վարժարանի Զ.-Ը. դասարանների առաջադէմ աշակերտների գնահատագրերի յանձնման արարողութիւնը, որը վերջին տարիներին աւանդաբար կազմակերպւում է վարժարանի տնօրէնութեան կողմից՝ գնահատելու այն աշակերտներին, ովքեր 3.75 ընդհանուր միջինով շարունակում են գերազանց յաջողութիւններ արձանագրել դասաւանդուող բոլոր առարկաներում:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Եպիսկոպոսական Պատարագ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Տօնին Առիթով

Եպիսկոպոսական Պատարագ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Տօնին Առիթով

Կիրակի, Մարտ 14ին, Ս. Քառասնից Մանկանց տօնին եւ եկեղեցւոյս անուանակոչութեան առիթով Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատոյց եւ իր հոգեշունչ պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ բազմութեան։ Սրբազան հօր առընթեր ներակայ էին Քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեան։ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս սարկաւագները, իսկ երգեցողութիւնը ներդաշնակութեամբ կատարուեցաւ եկեղեցւոյս դպրաց դասի անդամ-անդամուհիներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արամ Աղապապեանի։

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Ցեղասպանութեան Նշում Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Ցեղասպանութեան Նշում Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ տարածքին գործիչներ պիտի միանան յանձնախումբի ներկայացուցիչներու՝ նահանգային խորհրդարանին մէջ նշելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցը:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Մարդահամարի Աշխատանքները

Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Մարդահամարի Աշխատանքները

Արդէն իսկ ընթացքի մէջ մտած Միացեալ Նահանգներու այս տարուան մարդահամարին մեծագոյն թիւով հայերու արձանագրութիւնները ապահովելու նպատակով, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները կը շարունակուին: Անոնք սկսած էին այս ամսուան սկիզբը՝ այս առիթով պատրաստուած թռուցիկներու բաշխումով, որոնցմով կը շեշտուի, թէ մարդահամարի հարցաթղթիկներուն վրայ ցեղային պատկանելութեան բաժինին մէջ պէտք է «այլ» ընտրանքը նշել եւ գրել՝ «Armenian»:

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Քիւրտ Պարմանուհիին Ազատ Արձակումը Պահանջող Ցոյց

Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Քիւրտ Պարմանուհիին Ազատ Արձակումը Պահանջող Ցոյց

ՀԵԴի հովանիին տակ գործող Մարդկային իրաւանց միացեալ խորհուրդի կազմակերպութեամբ, եւ մասնակցութեամբ հայկական ու քրտական երիտասարդական շարք մը կազմակերպութիւններու, Չորեքշաբթի, Մարտ 24ին, կ.ե. ժամ 2ին, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ՝ դատապարտելու համար վերջերս թրքական ատեանի մը կողմէ արձակուած 8 տարուան բանտարկութեան վճիռը՝ ընդդէմ 15ամեայ քիւրտ պարմանուհի Պերիվան Սայաչայի, միաժամանակ պահանջելով անոր եւ մեծ թիւով այլ պատանիներու ազատ արձակումը:

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

«Ֆերահեան» Ազգային Վարժարանի Աշակերտներուն Յաջողութիւնները

«Ֆերահեան» Ազգային Վարժարանի Աշակերտներուն Յաջողութիւնները

«Ֆերահեան» ազգային վարժարանի միօրեայ «Պատմութեան Օր» ցուցահանդէսէն ետք, 4 աշակերտնե՝ 12րդ կարգէն Անի Պէքէլեան, Նաթալի Փիլիկեան, Մովսէս Աւետիքեան եւ Մարալ Աղուինեան, ընտրուեցան ներկայացնելու դպրոցը Լոս Անճելըս գաւառի կազմակերպած 30րդ տարեկան «Պատմութեան Օր» մրցումին։

March 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Մալաթիոյ Հայկական Եկեղեցին Պիտի Նորոգուի Մզկիթի Կառուցման Միութեան Կողմէ

Մալաթիոյ Հայկական Եկեղեցին Պիտի Նորոգուի Մզկիթի Կառուցման Միութեան Կողմէ

«Անատոլու» գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ Մալաթիոյ մէջ Գայնարճա թաղամասի Մզկիթի կառուցման միութիւնը, մշակոյթի նախարարութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով, որ արտօնուի Չավուշօղլու թաղամասի հին հայկական եկեղեցւոյ նորոգութիւնը։

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Վարչապետ Էրտողան Կը Հանդիպի Ականաւոր Պոլսահայ Շիրինօղլուի Հետ

Վարչապետ Էրտողան Կը Հանդիպի Ականաւոր Պոլսահայ Շիրինօղլուի Հետ

Երէկ՝ Մարտ 26ին, Անգարայի մէջ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպած է պոլսահայ համայնքի ականաւոր անդամներէն՝ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Մամուլով նախապէս հրապարակուած էր, որ Էրտողան Ուրբաթ օր պիտի հանդիպի թրքահայութեան ղեկավարին հետ: Նշենք, որ Շիրինօղլու պոլսահայ կամ թրքահայ համայնքը ներկայացնելու յատուկ հանգամանք մը չունի:

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Մանկապատանեկան Գիրքերու Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ

Մանկապատանեկան Գիրքերու Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ

«Պէյրութ՝ համաշխարհային գիրքի մայրաքաղաք» հռչակման առիթով, հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Սելիմ Ուարտէի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սեթեան» հրատարակչատան եւ գործակցութեամբ «Ազդակ»ին ու «Վանայ Ձայն»ին, Երկուշաբթի, Մարտ 22ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու աննախադէպ ցուցահանդէս-վաճառքը:

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Սփիւռք | Read More »

Ճեմ Թոքեր Ծաղկեպսակ Չէ Զետեղած Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

Ճեմ Թոքեր Ծաղկեպսակ Չէ Զետեղած Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

Թուրքիոյ Ազատական ընկերվարական կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Թոքեր, որ այս շաբթասկիզբին Հայաստան այցելած է, Հինգշաբթի, Մարտ 25ին հերքեց ռուսական լրատու գործակալութեան մը կողմէ տրուած այն լուրը, թէ՝ ինք ծաղկեպսակ զետեղած է Ծիծեռնակաբերդի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ։

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Ֆոքսման Վնասակար Կը Համարէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

Ֆոքսման Վնասակար Կը Համարէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Հինգշաբթի, Մարտ 25ին լոյս ընծայած է Միացեալ Նահանգներու հրէական ADL կազմակերպութեան ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսմանի հետ հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան անգամ մը եւս կը յայտնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը նպաստաւոր պիտի չըլլայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքներուն՝ աւելցնելով, թէ անոր հետեւանքով կրնան տուժել Թուրքիա-Ամերիկա «կարեւոր» յարաբերութիւնները:

March 26th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ- Ի՞նչ Պիտի Ուտենք Երկինքի Մէջ

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ- Ի՞նչ Պիտի Ուտենք Երկինքի Մէջ

Օրուան ընթացքին ճաշի երեք ժամերուն նախորդող վայրկեաններուն, երբ ստամոքսը յատուկ հեղուկ մը կ՛արտադրէ եւ անօթութիւնը զգալի կը դարձնէ, մարդ կը սկսի մտածելու, թէ ի՞նչ պիտի ուտէ: Ոմանք առանց գիտնալու, թէ այդ օրը ի՞նչ է ճաշը, երեւակայութեամբ կը սկսին կերակուրներ եփելու, ու զանոնք ուտելու նախապատրաստելու իրենց ախորժակը: Ուրիշներ իրենց սիրած կերակուրներուն մասին կը սկսին խօսիլու իրենց գործընկերոջ կամ պատահաբար իրենց այցելութեան եկած անձին:

March 26th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Արդեօք Ինչպիսի՞ Ամուսնութիւն Մը Ունիք

Արդեօք Ինչպիսի՞  Ամուսնութիւն Մը Ունիք

Ինչպիսի՞ ակնկալութիւններ ունիք։ Արդեօք ձեր ունեցած ակնկալութիւնները շա՞տ են եւ արդարացի։
Ամուսնութեան առաջին տարիները որոշ չափով աւելի դժուարութիւններով լեցուն տարիներ են զոյգի մը համար, քան յաջորդող տարիները։ Եթէ առաջին հինգ տարիներուն ամուսնութիւնը կրցաւ գոյատեւել, շատ բարձր է հաւանականութիւնը, որ այդ ամուսնութիւնը միշտ գոյատեւէ, բացի եթէ տարօրինակ հարցեր եւ իրավիճակներ ստեղծուին:

March 26th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Ի Վնաս Բոլորին

Ի Վնաս Բոլորին

43րդ ընտրատարածքին մէջ լաւ բան չի սպասեր մեզ: Եթէ արագ չանդրադառնանք ու վիճակը, մթնոլորտը հիմնովին փոխելու քայլեր չառնուին իրենց՝ թեկնածուներուն կողմէ, շատ անհաւանական պիտի ըլլայ, որ հայազգի Փօլ Գրիգորեանը կարենայ մէկ այլ հայ թեկնածու մը փոխարինել:

March 26th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Օրը Օրին | Read More »

Թուրքիա Կ՛ուզէ Նաեւ Սփիւռքահայութեան Հետ Բանակցիլ

Թուրքիա Կ՛ուզէ Նաեւ Սփիւռքահայութեան Հետ Բանակցիլ

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանի «Անգարայի քուլիսները» յայտագիրին մէջ յայտարարած է, որ ինք պատրաստակամ է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առնչութեամբ շփումներ սկսելու նաեւ հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ։

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀՅԴ Բիւրոն Կ՛այցելէ Արամ Ա.ին

ՀՅԴ Բիւրոն Կ՛այցելէ Արամ Ա.ին

Գլխաւորութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, Բիւրոյի անդամներ հանդիպում մը ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, Հինգշաբթի, Մարտ 25ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, ու յատկապէս՝ հայ ժողովուրդին իրաւունքներուն հետապնդման հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց երեք կուսակցութիւններուն միջեւ ծաւալող գործակցութիւնը ու շեշտեց միասնական ոգիով եւ հաւաքական ճիգով հայ ժողովուրդին արդար դատը հետապնդելու հրամայականը:

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Տարեկան Ճաշկերոյթը

Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Տարեկան Ճաշկերոյթը

«Միասնաբար ծառայենք ու պահպանենք» խորագրին տակ պիտի կայանայ Հայ մշակութային հիմնարկութեան այս տարուան ճաշկերոյթը, Կիրակի, Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ: Ճաշկերոյթի հանդիսավարն է համայնքի բարերարներէն Չարլի Կալեան, որ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի ՀՄԸՄին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին եւ այլ աշխատանքներու:

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Իսրայէլի Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Հարցը

Իսրայէլի Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Հարցը

Յառաջիկայ ամիս, Իսրայէլի խորհրդարանի «Մերեց» կուսակցութեան ղեկավար Հայիմ Օրոն Քնեսեթի քննարկութեան պիտի ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պարոնուհի Քոքս Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Լոնտոնի

Պարոնուհի Քոքս Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Լոնտոնի

«Բրիտանական կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ նամակով մը, պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դիմած է բրիտանական կառավարութեան, եւ խնդրած է վերատեսութեան ենթարկել անոր ուրացման քաղաքականութիւնն ու ընդնուիլ ճշմարտութիւնը՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը։ Միաժամանակ, ան նկատած է, որ ներկայ պայմաններուն տակ մեծ յոյս չկայ, որ բրիտանական կառավարութիւնը փոխէ իր քաղաքականութիւնը։

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԱՐՕ ՄՀԵՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏ ԻՐ Microsoft Office 2007Ի HySpell ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈԻՂՂԱԳՐԻՉԻ ԹՈՂԱՐԿՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԱՐՕ ՄՀԵՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏ ԻՐ Microsoft Office 2007Ի HySpell ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈԻՂՂԱԳՐԻՉԻ ԹՈՂԱՐԿՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իբրեւ յամառօտ կենսագրական, յայտնենք որ՝ Յարօն 1990ի շրջանաւարտ է UCLAէն, մաթեմատիկայի դոկտորական աստիճանով եւ աշխատած է իբրեւ ծրագրաւորման ճարտարագէտ/ճարտարապետ աւելի քան 18 տարիներ:

March 26th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ- Դանիէլ Վարուժանի Եւ Սիամանթոյի «Եւրոպական Հագուստ»էն Շատ Աւելի՛ն…

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ- Դանիէլ Վարուժանի Եւ Սիամանթոյի «Եւրոպական Հագուստ»էն Շատ Աւելի՛ն…

«Կ՛ուզեմ ապագայի մարդերուն նուիրել այնպիսի «հզօր» երգ մը՝ որ հայրենիքը ինծի պէս արարած
մը ծնած ըլլալուն գոնէ չզղջայ»։

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

March 26th, 2010

| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »

Իսրայէլի Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Հարցը

Իսրայէլի Խորհրդարանը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Հարցը

Յառաջիկայ ամիս, Իսրայէլի խորհրդարանի «Մերեց» կուսակցութեան ղեկավար Հայիմ Օրոն Քնեսեթի քննարկութեան պիտի ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիա Կ՛ուզէ Նաեւ Սփիւռքահայութեան Հետ Բանակցիլ

Թուրքիա Կ՛ուզէ Նաեւ Սփիւռքահայութեան Հետ Բանակցիլ

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանի «Անգարայի քուլիսները» յայտագիրին մէջ յայտարարած է, որ ինք պատրաստակամ է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առնչութեամբ շփումներ սկսելու նաեւ հայկական Սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ։

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պարոնուհի Քոքս Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Լոնտոնի

Պարոնուհի Քոքս Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ Լոնտոնի

Բրիտանական կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւն» խորագրեալ նամակով մը, պարոնուհի Քարոլայն Քոքս դիմած է բրիտանական կառավարութեան, եւ խնդրած է վերատեսութեան ենթարկել անոր ուրացման քաղաքականութիւնն ու ընդնուիլ ճշմարտութիւնը՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը։ Միաժամանակ, ան նկատած է, որ ներկայ պայմաններուն տակ մեծ յոյս չկայ, որ բրիտանական կառավարութիւնը փոխէ իր քաղաքականութիւնը։

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Տարեկան Ճաշկերոյթը

Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Տարեկան Ճաշկերոյթը

«Միասնաբար ծառայենք ու պահպանենք» խորագրին տակ պիտի կայանայ Հայ մշակութային հիմնարկութեան այս տարուան ճաշկերոյթը, Կիրակի, Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ: Ճաշկերոյթի հանդիսավարն է համայնքի բարերարներէն Չարլի Կալեան, որ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի ՀՄԸՄին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին եւ այլ աշխատանքներու:

March 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀՕՄի Ղեկավարական Սեմինար

ՀՕՄի Ղեկավարական Սեմինար

Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր «Ղեկավարական սեմինար» ընդհանուր խորագրին տակ միօրեայ սեմինար մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 20ին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեանի, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սօսի Փօլատեանի ու վարչութեան այլ անդամներու, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու վարչութեանց անդամներու եւ այլ ՀՕՄուհիներու եւ համակիրներու:

March 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Պապաճան Արցախի Հարցը Կը Կապէ Հայ-Թրքական Յարաբերութեանց

Պապաճան Արցախի Հարցը Կը Կապէ Հայ-Թրքական Յարաբերութեանց

Թրքական լրատուամիջոցները Չորեքշաբթի, Մարտ 24ին կը հաղորդեն, թէ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան կոչ ըրած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին, որ յաւելեալ ջանք թափէ հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, պնդելով, որ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները «մէկ մեծ փաթեթի երկու կարեւոր մասերն են»։

March 25th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Եւրոխորհուրդի Պաշտօնակատարը Անցեալի Ոճիրները Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ

Եւրոխորհուրդի Պաշտօնակատարը Անցեալի Ոճիրները Ճանչնալու Կոչ Կ՛ընէ

Եւրոխորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համերպըրկ, Եւրոխորհուրդի համացանցային պաշտօնական կայքին վրայ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ գրած է, որ պատմութեան միակողմանի մեկնաբանութիւնները կամ խեղաթիւրումները կ՛առաջնորդեն փոքրամասնութիւններու հանդէպ խտրականութեան, այլամերժութեան կամ հակամարտութիւններու վերականգնման։

March 25th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Կիլիկիա Եւ Ալեքսանտրեթը Սուրիոյ Քարտէսին Վրայ

Կիլիկիա Եւ Ալեքսանտրեթը Սուրիոյ Քարտէսին Վրայ

Թրքական «Իհա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցող միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին մէջ, Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ այցելուներուն բաժնուող Սուրիոյ քարտէսներուն վրայ, Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Կիլիկիոյ եւ Ալեքսանտրեթի նահանգները ընդգրկուած են սուրիական տարածքներուն մէջ:

March 25th, 2010

| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »